Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Կընձնիներու բուրումնաւէտ շուքին մէջ

Կը սարսըռայ դալարին.

Բիւր ցոլքերու քըմշոտ խաղն ու ելեւէջ

Թուփերուն տակ կը մարին։

 

Զեփիւռն անուշ, անհո՜ւն համբոյր խընկաւէտ,

Կը մըրմընջէ ծառերուն,

Սաղարթներուն մէջէն, ու երգ մը քովէդ

Կը խուսափի դէպ հեռուն։

 

Արծաթ, ոսկի միջատներու խօլ, անսանձ

Պարսեր կ՚ըմպեն հրճուագին

Երանութեան այս վայրկեանին ծոցն անանց՝

Անուրջն օրուան մը կեանքին։

 

Կ՚ալեկոծի աղու կանանչն արտերուն,

Նըման ծովի սընդուսին.

Հարսնուկներուն շըրջազգեստին ջինջ արիւնն՝

Կը պըսպըղայ մեր չորս դին։

 

Ու կը շընչեմ խունկը բոլոր խոտերուն,

Ծաղիկներուն անծանօթ,

Եւ կ՚արբենայ հոգիս թաղծոտ՝ զաղփաղփուն

Երազներուն իմ անօթ։

 

Մայր բընութեան մասնիկներուն՝ տարփօրէն՝

Համակրութեան ցանցեր բիւր՝

Կը լըծորդեն իմ էութիւնս համօրէն,

Հիւլէներս իմ անձնիւր,

 

Ու կ՚օրհներգէ հոգիս, տաճար անձկութեանց,

Սաղմոսը նոր ցընծութեան,

Եւ փախըստեայ անուրջներուս իմ անսանձ՝

Կ՚ուրուագըծուի ջինջ ատեան։

 

Կընձնիներուն բուրումնաւէտ շուքին մէջ

Կը սարսըռայ դալարին,

Ու ցոլքերուն քըմայքներն ու ելեւէջ

Թուփերուն տակ կը մարին։