Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Որքա՜ն ըզգաստ եմ. ո՜վ հոգիս. ա՛լ ոչի՞նչ

Կը մնայ ինձ երբեմնի խօլ աւիւնէն։

Խաղաղութիւնն ունիմ ծովի լանջքին ջինջ,

Եւ երկինքին՝ երբ հոն աստղեր կը հըսկեն։

 

Ժըպտուն դիմակն իմ հաշտութեանց գերագոյն.

Կը լուծուի հոն ցասման կընճիռը յետին,

Եւ անխոհեմ բոցէ կիրքերն իմ հոգւոյն

Պարզ աչքերու սահմաններէն կ՚անհետին։

 

—Ո՜հ, դառնահամ իմաստութիւնն այս ինչո՞ւ.

Ալ չե՞ս փորձեր պատրանքներըդ կարկըտել։

—Չէ՛, վաղն աշունն է, եւ քանզի այս առտու

Մազերուս մէջ տեսայ արծաթ զոյգ մը թել։