Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գինովնալու՝ երազովը տենչագին

Հեշտանքի մը արբեցութեամբ իրական,

Կ՚ըղձամ թոթուել չըւառօրէն մարդկային

Իմ դիւրաբեկ ու գետնաքարշ հին պատեան։

 

Հիւլէներովս անձնիւր՝ լուծուիլ բնութեան մէջ,

Ու թափանցել իսկութեան խորն իրերուն,

Անեզրութեան իբր ուխտաւոր կայծ մ՚անշէջ

Անդի՜ն անցնիլ երեւոյթէն զաղփաղփուն։

 

Եւ կամ ըլլալ սուր սարերու բարձունքին

Ազատազգի արիասիրտ արծուին պէս,

Ու ճախրերուս յագեցընել թափն ուժգին,

Հըպարտութեան թողած ակօս մ՚ետեւէս։

 

Ու թեւերուս լայն բախմամբը զօրաւոր,

Մայր բընութեան լիագորով գիրկն անհուն

Պըտըտցընել երազներըս մենաւոր,

Շըքեղապանծ վեհութեան մօտ սարերուն։

 

Երանգաւէտ ծաղկանց հոգւոյն առլըցուն

Տերեւախիտ անտառներու վայրին լուռ

Կ՚ուզեմ ըլլալ հիւր մը, եղնորդ մը ցնծուն,

Թաւուտներու հոծ գըրկին մէջ թաքթաքուր։

 

Կայտռել այնտեղ ջինջ առուակի մ՚ափին մօտ,

Եղբայրներու, քոյրերու հետ միասին,

Ու վայելել ցընծութիւնը բազմայօդ

Արբեցութեամբ կեանքն ապրելու հեշտանքին։

 

Հովիտներու ըստուերախիտ վայրերուն

Կ՚ուզեմ ծաղիկն ըլլալ, շուշան մ՚անթարշամ,

Բուսած հողին պորտին վըրայ սարսըռուն

Նայուածքի մը՝ ազատ այցէն ապաժամ։

 

Ու վայելել մեծ բընութիւնն համօրէն,

Ծըծել անոր հոգին, աւիշն ու երանգ,

Արբշիռ կեանքով, կիրքով արբշիռ ուժգնօրէն…

Երազողի քաղցրիկ անուրջ, սի՛ն տենջանք։