Տ
եսայ
ըզքեզ
վերըստին,
ո՜վ
Սթանպուլ,
Շըքեղապանծ
խորհրդաւոր
պերճ
ոստան,
Եւ
հիւրընկալ
ափունքներուդ
ապաստան՝
Ուխտի
բերի
քեզ
երազներն
իմ
խարխուլ։
Տեսայ
ժոռատ
պարիսպներըդ
կիսափուլ,
Դամբաններըդ՝
զոր
կ՚եզերէ
նոճեստանն,
Եւ
հարեմներդ՝
ուր
Արեւելքն
հեշտական
Կը
բանտարկէ
միսի
գանձերն
իր
զանխուլ։
Մեծվայելուչ
վերջալոյսերդ
ես
տեսայ,
Ուր
արեւին
հիր
նարինջը
կը
պանծայ,
Խաղաղաւէտ
մահուան
մը
գիրկն
ոսկեփայլ։
Երջանկութեան
Սե՜մ,
կը
թողում
քեզ
նորէն,
Ու
կը
յուզուի
սընանկ
սիրտըս
հեգնօրէն
Դեռ
տենչալով
բիւր
դիւթանքներդ
հոգեզմայլ։