Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՇՄԱՒՈՆԵԱՆԻ ՏՊԱՐԱՆԸ ԵՒ ՏՊԱԳՐԱԾ ԳՈՐԾԵՐԸ

Պարտաւորուած ենք անդրադառնալու Յարութիւն քահանայ Շմաւոնեանի տպարանին, անձնակազմին եւ տպագրած գործերուն։ Այս երեքը հիմնական թթխմորը եւ կորիզը հանդիսացան ԱԶԴԱՐԱՐի հրատարակութեան։

Տպարանը գտնուած է Մատրասի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ։ Տրդատ քհնյ. Յովակիմեան կը վկայէ 1929ին. «Տպարանը այժմ գոյութիւն ունի՝ միայն իբրեւ շէնք»։ [1] Կրնայ ցարդ գոյութիւն ունենալ։

Տպարանը հիմնուած է 1789-ին եւ նոյն տարին իսկ լոյս ընծայած է իր առաջին հրատարակութիւնը։ 1988-ին (Երեւան) լոյս տեսաւ Հայ գիրքը 1512-1800 թուականներին մատենագիտական ծաւալուն գործը, աշխատակցութեամբ Նինէլ Ոսկանեանի, Քնարիկ Կորկոտեանի եւ Անթառամ Սաւալեանի։ Հոն կը տրուին իւրաքանչիւր գիրքի վերաբերեալ մանրամասն տեղեկութիւններ գիրքի անուն, տիտղոսաթերթ, բովանդակութիւն, յառաջաբան, վերջաբան, յիշատակարան եւ այլն։

Հատորին մէջ նշուած են Շմաւոնեանի տպարանին բոլոր հրատարակութիւնները (թիւով 19)։

Շմաւոնեան քահանայ շարունակելով մեր գրչագիրներու եւ իր նախընթաց տպարանատէրներուն բարի սովորութիւնն ու աւանդութիւնը, գրեթէ իւրաքանչիւր գիրքի կցած է երկար կամ կարճ յիշատակարան մը, որ թանկագին տեղեկութիւններու շտեմարան մըն է։ Այդ յիշատակարաններէն պիտի քաղենք մեզի անհրաժեշտը։

Իր առաջին հրատարակութեան (Պատմութիւն Մարիանէ կուսին) անուանաթերթին (տիտղոսաթերթին) մէջ տպարանին տառերուն ակնարկելով՝ կը գրէ. «... Տառիւ յօրինեցեալ ի ձեռագործէ Յարութիւն քահանայի Որդոյ Շմաւոնեան Շիրազեցոյ... »։ [2]

Իսկ յիշատակարանին մէջ կը գրէ. «... ով ոք վայելէք զքաղցրաճաշակ գրքուկս այս, յիշեցէք որդի վշտաց եւ դոյտ գրացս, որ յօրինեցաւ ձեռամբ իմով՝ ամենայն պարագայս թէ տառաշինութիւնն, եւ թէ շարումն կապարից »։ [3]

Ինք տառերու ձուլման փորձառութիւն ունէր։ Շահամիրեանի խնդրանքով տառեր պատրաստած է եւ ժամանակի ընթացքին՝ սիրահարուած է գործին։ Ինք կը վկայէ Փելիսարիոս գիրքին վերջաւորութեան։ [4]

Ուրեմն՝ ինք յօրինած եւ ձուլել տուած է իրեն անհրաժեշտ տառերը։ Նաեւ գրաշար է։ Իր յիշատակարաններուն մէջ ակնարկութիւն չգտանք, սակայն իրեն կը վերագրուի իր տպարանին մամուլին պատրաստութիւնը, հաւանաբար երկաթագործի եւ ձուլագործի օժանդակութեամբ։

Հարց կրնայ ծագիլ, թէ Շմաւոնեան քահանայ ինչո՞ւ չփորձեց գնել Շահամիրեանի նոր դադրած տպարանին տառերն ու կազմածները։ Շահամիրեանի քաղաքական ուղեգիծը դատապարտուած էր Էջմիածնի օրուան կաթողիկոս Սիմէոն Երեւանցիին կողմէ։ Տպարանին գնումը խէթ աչքով կրնայ դիտուիլ եւ մեկնաբանուիլ կաթողիկոսին կողմէ։ Երկրորդ վարկած մը թերեւս Շահամիրեանի տպագրական տառերը գեղեցիկ չէր գտներ, հակառակ որ իր գործակցութիւնը բերած էր անոնցմէ ոմանց պատրաստութեան եւ ձուլման մէջ։ Թերեւս նորը եւ աւելի գեղեցիկը պատրաստելու հետամուտ էր։

Շմաւոնեանի տպագրած գրքոյկներն ու գիրքերը հետեւեալներն են.

1. Պատմութիւն Մարիանէ կուսին, 1789։

2. Աղեքսանդր Ջուղայեցի, Աղօթամատոյց, 1790։

3. Պատմութիւն կայսերն Փոնցիանոսի, 1790։

4. Թադէոս Սոգինեանց, Ողբ Հայաստանեայց, 1791։

5. Յովսէփ Արքս. Արղութեանց, Օրինակ հանդիսաւոր ծանուցման եւ ողբոց, 1791։ Բ. տպագրութիւն, 1792։

6. Պաղտասար Դպիր, Քերականութիւն (2 հատոր), 1791։

7. Սիմէոն Երեւանցի, Տաղարան փոքրիկ, 1791։

8. Յակոբ Թաղեան, Երկրաչափութիւն, 1792։

9. Ներսէս Շնորհալի, Յիսուս որդի, 1792։

10. Պատմութիւն անցից սրբակրօն Յակոբ Արքեպիսկոպոսի, 1793։

11. Պորփիւր, Ներածութիւն Դաւիթ Անյաղթ, Վերծանութիւնք ներածութեան Պորփիւրի, 1793։

1794-էն 1796, երբ լոյս կ՚ընծայէ ԱԶԴԱՐԱՐը, ըստ երեւոյթին ո՛չ մէկ այլ հրատարակութիւն կը կատարէ։ Ժամանակը հազիւ կը բաւարարէ թերթին հրատարակութիւնը։

12. Դաւիթ Անյաղթ, Գիրք սահմանաց Առաքել վարդապետ, Լուծմունք սահմանացն Դաւթի, 1797։

13. Ղեկաւար մանկանց, 1797։

14. Սաղմոս Դաւթի (ձեռքի տակ եղած օրինակին անուանաթերթը ինկած ըլլալով, կարելի չէ եղած ճշդել տարեթիւը)։

15. Թարգմանութիւն գրոյ միոյ պարոն Շամիր Սուլթանումեանէ առ մեծ բժիշկն քաղաքիս պարոն Ջեմս Անդրսանն, 1793 ՞։

1798-էն 1802 ո՛չ մէկ հրատարակութիւն՝ իր տպարանէն։ 18031809, տպարանը կը գործէ եւ կ՚արտադրէ հետեւեալ գործերը.

16. Փոքրիկ բառագիր։ Անգլիացւոց լեզուէ թարգմանեալ ի հայ բարբառ ի Մկրտում Սիմոնեանէ, 1803։

17. Տետրակ աղօթից, 1804։

18. Անցք կամ քառասուն երեք, եւ քառասուն չորսերորդ ժողովոց Մատրասիս հայոց, 1806։

19. Մարմոնտէլ, Բելիսարիոս Յարացոյց անյիշաչարութեան, 1809։ [5]

Մ. Մխիթարեան կը գրէ. « ԱԶԴԱՐԱՐի դադարից յետոյ, Շմաւոնեանը մինչեւ 1810 թուականը լոյս ընծայում է եւս մի քանի գիրք »։ [6]

Ինչպէս մեր վերոյիշեալ ցուցակագրումէն ի յայտ կու գայ, 1809-ին լոյս ընծայած է վերջին գիրքը։

Հետեւաբար, ցարդ յայտնաբերուած Շմաւոնեանի հրատարակութիւններէն դատելով, ան լոյս ընծայած է 1789-1809, 19 գրքոյկ եւ գիրք, 20 հրատարակութիւն (մէ՛կ գրքոյկը կրկնակ տպագրութեան արժանացած է), առաւել ԱԶԴԱՐԱՐի 18 թիւերը։

Հրատարակութիւնները այլազան են։ Կրօնականին կողքին, կը բովանդակեն լեզուական, կենսագրական, իմաստասիրական եւ երկրաչափական նիւթեր։ Անոնք ցոյց կու տան Շմաւոնեանի հետաքրքրութեանց ընդարձակ սահմանները։

Վերջին հրատարակութեան՝ Բելիսարիոս, բացատրողագիր մը կցած է «Առ բարեմիտ վերծանողս» խորագիրով (էջ 283-285), որ իր կեանքին համառօտ պատմութիւնն է։ Հոն կ՚անդրադառնայ տառերու պատրաստութեան գործին։ Վերջին հրատարակութեան առիթով կը պատրաստէ նոր տառեր, զոր «գեղեցկատեսիլ» կը գտնէ։

Ձեռքի տակ չունինք Շմաւոնեանի այլ հրատարակութիւնները, բացի ԱԶԴԱՐԱՐէն։ Իրապէս գեղեցիկ են։ Լէօ, ակնարկելով Շմաւոնեանի տպարանին տառերուն, կը գրէ.

«Այդտեղ [Մատրասի մէջ Ա. Տ. Խ. ] նա իր աշխատանքով, իր սեփական ծախսով հայերէն տառեր է պատրաստում, որոնց նա անուանում է “որդի վշտաց”, ակնարկելով, երեւի, իր այն չարչարանքները, որոնք հասկնալի եւ անխուսափելի էին այդ դէպքում, երբ ամէն ինչ ինքը պիտի պատրաստէր։ Պէտք է խոստովանել, որ թէեւ շատ էին չարչարանքները, բայց Շմաւոնեանը Շահամիրեանից անհամեմատ բախտաւոր էր. նրա պատրաստած տառերը Շահամիրեանի տառերից աւելի գեղեցիկ, կանոնաւոր էին, ինչպէս նաեւ տպագրութիւնը անհամեմատ մաքուր էր եւ պարզ»։ [7]

Բացատրողագիրին վերջաւորութեան՝ պատճառաբանելով իր ծերութիւնը, կը յայտնէ գործէն քաշուելու փափաքը եւ տպարանը կը յանձնէ 2-3 հոգիի, որոնք տպարանական գործերու քաջատեղեակ էին եւ կրնային գործը շարունակել։ Ըստ երեւոյթին տպարանը դադրած ըլլալու է, որովհետեւ Հայկ Դաւթեանի նշուած գործին մէջ, Մատրասի մէջ, Շահամիրեանի նշած անուններուն կողմէ ո՛չ մէկ հրատարակութիւն կայ։

Շմաւոնեան քահանայի այս բացատրողագիրը, ձեւով մը՝ կտակը, կու տանք ամբողջութեամբ, պահելով իր կէտադրութիւնը եւ ուղղագրութիւնը։


ԱՌ ԲԱՐԵՄԻՏ ՎԵՐԾԱՆՈՂՍ

Ի մաստացեալն Աստուծոյ Սողոմօն ջանայ միշտ բարի օրինակ տալ ամենայն գործոց, եւ ՚ի յառակախօսութիւն իւրում ՚ ասէ իմաստութիւն ելս ճանապարհաց գովի։ Արդարեւ՝ գովելի է ամենայն բարեաց վախճան, ուրեմն՝ հարկէ ինձ, սկիզբն եւ կատարումն Տեառն իմոյ, տալ համառօտ ազդումն՝ եւ պատմել մի ըստ միոջէ, նախկին տնօրինման՝ աւեՐման՝ վերանորոգման իմոյ։ Տէրն իմ, հրամանաւ՝ նոր ջուղայու Առաջնորդ, Մկրտիչ Արքեպիսկոպոսին՝ առաջադրեալ էր գալ ՚ի մադրաս, վասն քահանայագործութեան հայոց, յաւուր միում՝ Ազնուամիտ Աղայ Շամիր Սուլթան այրն հանջարեղ, ասացեալ է, Տէր հայր, լսեմ շնորհալի միտս ունիս, նօտր գիր մի նու՝ պակաս է ՚ի տպարանէ մերմէ, արդ կարօղ ես յօրինել, քանզի՝ ցանկալի է ինձ այդ տպարան, վասն անուան որդոյ իմոյ։ Տէրն իմ երբէք չէր տեսեալ այն գործ, եւ ոչ լուեալ բնաւ, ապաւինելով ՝ ՚ի տուիչն բարեաց՝ Սուրբ հոգին, խոստացեալ էր շինել, որպէս   կայ նոյն գիր մինչեւ ցայսօր, յետ այնորիկ՝ առաւել վստահացեալ եւ սիրահարեալ, ձեռնամուխ եղեւ, բոլոր գիրն ամենայն պարագայիւք յարմարել, ոչ շատացաւ նովաւ՝ միայն՝ այլ եւ բազմաց յազգէն հայոց կերակրելով, եւ ուսուցանելով, յոգնականութեամբ՝ Ազնուատոհմն Աղայ Նազար Յակոբջան Շամիրեանց, բարեացապարտ յառնէ [մէկ բառ անընթեռնելի Ա. Տ. Խ. ] ուսելոցս յայտնի է ՚ի բազում տեղիս վերջ գրոց որք տպեալք են ինեւ։ Նարդենիս կամ եղեւ Տեառն իմոյ՝ անձեւ եւ անհարմար գրեանքն՝ նորապէս փոխել գեղեցկատեսիլ գրով, զոր ահա՝ տեսանէք այս բելիսարիոսն, ծախիւք եւ արդեամբք քաջատոհմիկ, Աղայ Սամուէլ Միքայէլ Մուրատեանին, եւ գործակցութեամբ շնորհալի եւ բարեկամ հաւատարիմ անխզելի սիրով՝ անջնջելի յիշատակութեան արժանի՝ անակնկալ վաստակօք, Պրն. Աւետիս Յարութիւն Շիրխումեանին օգնական ամենայնի Տեառն իմոյ։ Ընդ նմին գործարանիս վերակացու Պարոն Սիմէօն Մկրտումն Շիրազեցի Ծմրկեանց, որ յամենայն գործոց թէ ՚ի շարելն՝ թէ կապարաշինութեան եւ թէ ոսկեզօծ կազմելն, բոլոր գրքոյս՝ միայնակ թարց օգնականի, աւարտ հասոյց։ Եւ՝ ընդ հովանեաւ՝ Տեառն իմոյ, նորոգ ուսեալքն՝ են ընտիր ու լաւ, որք են Չինիպուլէ բնակիչ փունթշէրու եւ Գէվորք Սահակեան ամենայնի տեղեակ։ Ահա՛ այսուհետեւ Տէրն իմ ծերացեալ է՝ եթող ինձ կամաց այնորիկ, որք կարող են իւրեանց ծախիւն անխարդախ գիրք, եւ նորոգ անմեղածին բան տպագրել ազատապէս։

Բելիսարիոսը ունինք մեր անձնական հաւաքածոյին մէջ։ Լաւ վիճակի մէջ չէ գիրքին վերջին մասը։ Բաւարար մելան չէ դրուած

  տպագրութեան ատեն։ Ունի կրճատումներ, զորս փորձեցինք կռահել։ Կրնան վրիպակներ ըլլալ։

Մեր որոնումները առաջնորդեցին յայտնութեան մը։ Շմաւոնեանի նշած անձերը գործը չեն շարունակած որոշապէս։ Բայց կրնայ տպարանը ստանձնած ըլլալ Շմաւոնեանի նախկին գործակիցներէն Սարգիս Ծատուր Աղաւալեանը, որ 1809-1816, լոյս ընծայած է 6 գիրք։ Իր տպարանին ակնարկելով՝ կը նշէ. «Ի նորին նորակերտ տպարանի որ ի Մատրաս»։ Մեր ենթադրութեան հիմը այն է, որ Շմաւոնեանի վերջին հրատարակութեան եւ Աղաւալեանի հրատարակութեանց առաջինին՝ Թանգարան բարեզարդին թարգմանիչն է նոյն անձը՝ Պետրոս վրդ. Պուռնազեան։

Աղաւալեան իր տպարանը կրնայ «նորակերտ» կոչած ըլլալ, որովհետեւ կայ սեփականատիրոջ փոփոխութիւն, նաեւ կրնայ նոր տառեր ձուլել տուած ըլլալ։ Աղաւալեանի հրատարակութիւններուն տառերը պէտք է բաղդատել Շմաւոնեանի վերջին հրատարակութեան հետ, նաեւ Աղաւալեանի հրատարակութիւնները աչքէ անցընել եւ եթէ յիշատակարաններ ունին, հոն փնտռել որոշ հետքեր։

 



[1]            «Մադրասի հայոց անցեալն ու ներկան», Տաթեւ տարեգիրք, Ե. տարի (Հալէպ, 1929), էջ 373։

[2]            Հայ գիրքը..., էջ 635։

[3]            Նոյն, էջ 636։

[4]            Էջ 283-284։

[5]            Վերջին չորս գիրքերուն տեղեկութիւնները քաղած ենք Հայկ Դաւթեանի, Հայ գիրքը 1801-1850 թուականներին մատենագիտական գործէն (Երեւան, 1967)։

[6]            ԱԶԴԱՐԱՐի վերատպութիւն, Ա. հատոր, էջ XIX։

[7]            Հայկական տպագրութիւն, հատ. Բ., XVIII դար, Ա. մաս (Թիֆլիս, 1901, էջ 597)։