Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԻԳՐԻՍ

Ամսագիր (խմորատիպ)։ Շատախ։ 1907։

Յուշապատումը կու տայ 1908-1909։ Խմբ. կազմ՝ Տիգրան Բաղդասարեան, Դաւիթ Թովմասեան, Յ[ովսէփ] Չոլոյեան եւ Խ. Մկրտիչեան։ [1] Դ. Փափազեան զայն կը նշէ իբրեւ կիսամսեայ։ Ժամանակ՝ 1907։ [2] Իսկ հայր Կարապետեան կը գրէ. «Ամսաթերթ, Շատախ, 1907։ Չունինք»: [3]

Խմբ. կազմի հիմնական անդամներէն Տիգրան Բաղդասարեան թանկագին եւ բաւական մանրամասն տեղեկութիւններ կը հաղորդէ, զորս կը մէջբերենք ամբողջութեամբ։

«1907-ին սկսանք հրատարակել Տիգրիս անունով խմորատիպ թերթը, ետ չմնալու համար Վանէն, ուր կը հրատարակուէին Նոր սերունդ եւ Հայեացք թերթերը։

«Տիգրիսի տպարանը կը կազմէր խէժով լեցուն թիթեղեայ տուփ մը, իսկ գրաշարները՝ աշխոյժ աշակերտները՝ Ղեւոնդը եւ Սահակ Տէր-Թովմասեանը։

«Թերթը բազմակողմանի բովանդակութիւն ունէր։ Կարեւոր տեղը կը բռնէին յեղափոխական գրականութիւնը, պատմութիւնը եւ զանազան արտատպումներ։ Կային նաեւ գաւառի մասին պատմական, ազգագրական հետաքրքրական տեղեկութիւններ եւ աւանդութիւններ։ Այս բաժինը կը տանէր Կարապետը։

«Թերթը կը բաժնուէր տեղական թէ գիւղական բոլոր խումբերուն ու նաեւ գաղտնի կը նետուէր ոչ-դաշնակցական առեւտրականներու եւ ունեւորներու տուներէն ներս։ Մեծ բաւականութիւն կը ստանայինք իւրաքանչիւր թիւը լոյս հանելուն։ Նիւթական զոհողութեան պէտք չկար, իսկ բարոյական, կորով, եռանդ՝ անսպառ էր ամէնուն մէջ։

«Տիգրիսը կը փոխանակէինք շրջանի մեր բոլոր կուսակցական գաղտնի թերթերու հետ՝ Նոր սերունդ եւ Հայեացք՝ Վանի մէջ, Ծովակ եւ Կռուան Կոտոշ՝ Աղթամարի մէջ։

«Այդ շրջանին ուսուցիչի պաշտօնով Թաղ եկաւ Վանի կուսակցական ընկերներէն Խոսրով Խանճեանը։ Մինչ այդ, թերթը կը վարէր մեր խումբը։ Խոսրով, գալէն յետոյ, ուզեց իր վրայ վերցնել թերթի խմբագրութիւնը։ Մերժուեցաւ, բնականաբար, եւ խնդրուեցաւ իրմէ որ աշխատակցի։ Ու այս գետնի վրայ ներքին վէճ մը ծագեցաւ ու այնքան խորացաւ, որ Խոսրով սկսաւ հրատարակել մէկ ուրիշ թերթ՝ Անկախ Տիգրիս անունով։

«Թաղի մեր մտաւորական ընկերները, թուով՝ 8-10 հոգի, այսպիսով երկու մասի բաժնուեցան։ Խոսրովին միացան Յովսէփ, Չոլոյեան, Միհրան Տ. Մարգարեան, Սամուէլ Մեսրոպեան եւ Յովհաննէս։ Իսկ մեզ հետ մնացին Կարապետ Գալուստեան, Դաւիթ Խաչատուրեան, Խաչատուր Տ. Մկրտիչեան, Արտաշէս Ամիրեան։

«Այսպէս, բոլորովին անիմաստ տեղը ստեղծուած այս վէճը աստիճանաբար իր հունէն դուրս եկաւ եւ սկսաւ վարակել նաեւ խումբերը։ Վասպուրականի Կ. Կոմիտէն միջամտեց եւ կարգադրեց փակել երկու թերթերն ալ։ Սակայն, երկու կողմերն ալ անսպառ եռանդ ունէին. Տիգրիսի տեղ սկսաւ հրատարակուիլ Ժայռ, իսկ Անկախ Տիգրիսի տեղ՝ Կոհակ... »։ [4]

Տիգրան Բաղդասարեան Դաշնակցական։ Շատախի շրջանին մէջ պատասխանատու պաշտօններ վարած։ Նախնական ուսումը ստացած է Վանի կաթոլիկ միսիոնարներու դպրոցին մէջ։ 1910-ին անցած է Պոլիս եւ հետեւելով զինուորական բարձրագոյն վարժարանի դասընթացքներուն, կը վկայուի իբրեւ սպայ։ Ա. Համաշխարհային պատերազմին սկիզբը կ՚ուղարկուի Կարնոյ ճակատը, ուր՝ Քէօփիքէօյի կռիւին ընթացքին սրունքէն վիրաւորուելով՝ 1915 Մարտ 1-ին կը վերադառնայ Թաղ (Շատախ)։ Ապրիլեան հերոսամարտի օրերուն ան կը հանդիսանայ ղեկավար դէմքերէն մէկը։ Անդամ էր «Հ. Յ. Դաշնակցութեան Զինուորական Մարմին»ին։ [5]

Տեւողութիւնը Տ. Բաղդասարեան Տիգրիսին անդրադարձին ատեն (տես տողատակ թիւ 4) չի նշեր թերթին տեւողութիւնը կամ լոյս տեսած թերթին թիւը։ Վերի մէջբերումին մէջ կը նշէ 1909 Յուլիսի իր ձերբակալումը։ Կ՚ենթադրենք որ առնուազն լոյս տեսած ըլլալու է մինչեւ Յուլիս 1909։ [6]

Տիգրիսի դադարումէն ետք նոյն խմբակը լոյս ընծայած է Ժայռ խմորատիպ թերթը։

Բովանդակութիւն

Տ. Բաղդասարեան մեր մէջբերած հատուածին մէջ կու տայ ընդհանուր բովանդակութիւնը։ Իր յուշերուն մէջ կ՚անդրադառնայ յօդուածի մը, որ փոթորիկ եւ բանտարկութիւն յառաջացուցած է։

Կը մէջբերենք այդ հատուածը։

«Ուրիշ դժուարութիւններ ալ պատահեցան հայ ունեւորներու հետ։

«Խօսքով եւ մամուլով միշտ կը պահանջէինք, որ կառավարութիւնը հետապնդէ եւ ձերբակալէ քիւրտ աւազակապետները, ի մասնաւորի Շատախի ոխերիմ թշնամի Գրավիանցի ցեղապետ Շաքիր աղան։ Տիգրիսի մէջ Խան ստորագրութեամբ յօդուած մը լոյս տեսաւ, որուն մէջ կը մեղադրուէր Թաղի մեծահարուստներէն ազդեցիկ անձնաւորութիւն մը՝ Յովան էֆ. Տ. Մարգարեանը, որ, իբր թէ, դիւրացուցած էր Շաքիրի փախուստը։

«Բուռն կերպով զայրացած՝ Յովան էֆ. բողոքեց, եւ օր մը, 1909-ի Յուլիսին, ոստիկաններ եկան ու մեր խումբէն չորս հոգի՝ Կարապետ, Դաւիթ, Արտաշէս եւ ես բանտ առաջնորդուեցանք։ Թուրք կոմիսարը կը պահանջէր մեզմէ երաշխիք եւ կը պնդէր յայտնել Խանի ինքնութիւնը։ Մեր ընկերական համերաշխութիւնը անքակտելի էր։ Որոշեցինք ոչ երաշխաւոր տալ եւ ոչ ալ Խանի ինքնութիւնը յայտնել։

«Յովան էֆ. առաջարկեց մեզ ազատ արձակել տալ՝ պայմանով որ մեր թերթին մէջ հերքենք իր մասին գրուածները։ Կտրուկ կերպով մերժեցինք։ Եւ երեք օր, քիւրտ աւազակներու կողքին, բանտի յատակի վրայ պառկեցանք։

«Մեր կրկնակի բողոքներու եւ աղմուկի վրայ, նոր Շատախ ժամանած հայ գաւառապետը ազատ արձակեց մեզ»։ [7]

Արժէքը

Կոմս խօսելով Շատախի եւ Տիգրիս թերթին մասին, կ՚ընէ հետեւեալ գնահատումը. «Տիգրան Բաղդասարեանի խմբագրութեամբ կը հրատարակուէր Տիգրիս անունով խմորատիպ պարբերաթերթը, որ ամենէն տարածուն թերթը եղած էր իր ճոխ բովանդակութեամբը, տեղագրական քարտէզներով եւ ուսումնասիրութիւններով։ Մեր վստահելի յենարաններէն մէկն էր Շատախը իր Տիգրաններով, Միհրաններով, Յովսէփներով, որոնք հետագային հասունցած՝ կարեւոր դերակատարներ դարձան ազգային եւ քաղաքական գործունէութեան մէջ»։ [8]



[1]            Էջ 579։

[2]            Նշ. աշխ., էջ 55։

[3]            Էջ 69։

[4]            «Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը Շատախի մէջ», Հայրենիք ամս., Լ. տարի, թ. 6 (Յունիս 1952), էջ 69-70։ Մէջբերուած հատուածին խորագիրն է «Գաղտնի մամուլ»։

[5]            Վասպուրական, էջ 377։

[6]            Տ. Բադասարեան, Հայրենիք ամս., Լ. տարի, թիւ 7 (Յուլիս 1952), էջ 58-59)։

[7]            Անդ։

[8]            Իմ յուշերը, Բ. հատոր, Պէյրութ, էջ 22։