Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱԶԴԱՐԱՐ ՀԱՅ ԱՌԱՋԻՆ ԼՐԱԳԻՐԸ

Շմաւոնեանի տպարանը կը գործէր եւ որոշ հերթականութեամբ  լոյս կ՚ընծայէր գիրքեր։ Որպէսզի տպարանը ոտքի կենար, ամէնօրեայ նիւթ կ՚ուզէր։ Պէտք էր գոհացնել զայն։ Շմաւոնեան քահանայ, իբրեւ լուսամիտ եւ արթուն մարդ, տեղեակ է որ Հնդկաստանի մէջ կայ պարբերական հրատարակութիւն։ 1784-ին, Կալկաթայի մէջ սկսած է լոյս տեսնել, անգլերէնով, Calcutta Gazetteը։ Չի հետեւիր այս թերթին։ Իրեն ուղեցոյց կը վերցնէ նոյն Մատրաս քաղաքին մէջ լոյս տեսած անգլերէն լրագիրը։ Անոր մասին կը գրէ.
« Մեր քաղաքին բարեկարգ անգլիացիները, ասկէ ամիս մը առաջ, սկսան տպագրել տետրակ մը, մերինին նման՝ ամսուն վերջը, եւ ինչպէս իմացայ, անոր մէջ ուրիշ բան չկայ, բայց միայն իրենց ազգէն համբաւաւոր մարդոց վարքը, զանազան պատմութիւններ, գործելու որպիսութիւնը եւ ոմանց արժանաւոր գրուածքները... իսկ տետրակին վերջը, իրենց հասարակութեան գործերը քաղցրացնելու համար, կը տպեն հոս վաճառելի զանազան իրերու գիները եւ նաւերու մեկնումի ու ժամանման ժամանակացոյցը։

«Այս տետրակը ես ինծի օրինակ վերցուցի »։ [1]

Շմաւոնեան քահանայ հոգեպէս պատրաստ է։ Սակայն, հակառակ եկեղեցական ըլլալուն, ծանօթ է նաեւ շուկայի քերականութեան։ Կ՚ուզէ որ իր ժողովուրդն ալ հոգեպէս պատրաստ ըլլայ իր նոր հրատարակութիւնը ընկալելու։ Իր թերթին լոյս ընծայումէն շուրջ 40 օր առաջ, իր հաւատացեալ ժողովուրդին կը բաժնէ ծանուցում-բացատրողագիր մը, «Բարեպաշտ Պարոնաց եւ Մաքրակենցաղ Տիկնա[ն]ց Մադրասիս հայոց» խորագիրով։ Ծանուցումը կու տանք ամբողջութեամբ։ Այս ծանուցումը նաեւ տպուած է ԱԶԴԱՐԱՐի առաջին թիւին մէջ (էջ 1-2)։



[1]            ԱԶԴԱՐԱՐ, Ա. հատոր, էջ