Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

«ՀԱՅ ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԻ ԲԻԲԼԻՈԳՐԱՖԻԱ»

8-9 տարիէ ի վեր հրապարակ ելած են այս հատորները, սակայն անհրաժեշտ քննութեան առարկայ չեղան արտասահմանի մէջ. նոյնիսկ կարելի է ըսել Հայաստանի մէջ։ Խծբծանքի առարկայ եղաւ Պետրոսեանի գործը, իր կարգ մը թերիներուն համար։ Այդ թերիները Պետրոսեանին պատկանելէ աւելի, կը պատկանին մեր պատմութեան վերջին յիսնամեակի իրադարձութեանց, որոնք չստեղծեցին բարւոք յարաբերութիւններ Մայր Հայրենիքին եւ Սփիւռքի միջեւ։

Այս պատճառով ալ Հայաստանի պետական գրադարաններուն մէջ կարելի չէ գտնել հայ մամուլի ամբողջական հաւաքածոները։ Եթէ Հայաստան չունեցաւ այդ բախտը, նոյն վիճակին արժանացաւ նաեւ Սփիւռքը։ Վերջինս իր գոյութեան պայքարին մղուած, անհրաժեշտ ժամանակը եւ իմաստութիւնը չունեցաւ հայ մամուլի գանձերը մէկտեղելու, որպէսզի հայ բանասէրին, պատմաբանին, վերջապէս հայ մշակոյթի սիրահարին տալու անհրաժեշտ ատաղձներէն մէկը Հայոց Պատմութիւնը գրելու։ Հին համբաւ ունեցող Վենետիկն ու Վիեննան այս ճակատին վրայ յոգնութեան նշաններ ցոյց կու տան։ Երուսաղէմի Կիւլպենկեան մատենադարանն է, որ ամէնէն աւելի աշխուժութեան նշաններ կը ցուցաբերէ։ Վերջերս, Հայաստանի պատկան մարմիններն ալ սկսած են արտասահմանի մամուլով աւելի մօտէն հետաքրքրուիլ, ինչ որ ուրախառիթ երեւոյթ է։

Հայ կեանքի այս դժուարութիւնները նկատի ունենալով պէտք է դատել Յովհաննէս Պետրոսեանի գործը։ Անհատական ուժէ, նոյնիսկ միակ հաստատութեան մը ուժէն վեր է մատենագիտական աշխատանքներու կատարումը մեր ժողովուրդին պէս ցրուած հաւաքականութեան մը համար։ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մշակութային հաստատութիւններուն եւ հայ մամուլի պատմութեան մասնագէտներուն հաւաքական կամ միացեալ աշխատանքով է որ պիտի կազմուի՝ ըստ կարելւոյն՝ լիակատար մատենագիտութիւն մը հայ մամուլին, ինչպէս նաեւ հայ գիրքին։

Մինչեւ որ գայ այդ ուրախառիթ օրը, մենք հոս կը ներկայացնենք մեր դատումները Պետրոսեանի վերոյիշեալ աշխատասիրութեան վերաբերեալ։

 

Դժուար գործի մը ձեռնամուխ կ՚ըլլանք, գիտակից ենք ատոր, որովհետեւ մեր նպատակը գոհանալ չէ սովորական գրախօսականի մը սահմաններով, այլ հայ մամուլի մեր ամբողջ ծանօթութիւնը բաղդատութեան դնել Պետրոսեանի գործերուն հետ։ Մեր գլխաւոր ուղեցոյցը եղած է մեր զոյգ ցուցահանդէսներուն (1961 եւ 1963) առիթով մէկտեղուած հայ մամուլի հաւաքածոն, որուն թիւը 1000-ը կ՚անցնի։ Նաեւ օգտագործած ենք թերթերու, տարեգիրքերու եւ գիրքերու մէջ լոյս տեսած հայ մամուլին վերաբերող յօդուածներ, որոնց կ՚անդրադառնանք իրենց տեղը։ Դառնանք ըստ արժանւոյն քննելու Յովհաննէս Պետրոսեանի աշխատասիրութիւնը։

Յովհաննէս Պետրոսեան, ըստ երեւոյթին, մատենագիտական աշխատասիրութիւններու հանդէպ մասնաւոր սէր ունի։ Քսան տարուան տքնաջան աշխատանքի որպէս արդիւնք, լոյս տեսած է Հայ գրականութեան բիբլիոգրաֆիան, երեք հատորով։ Հայ պարբերական մամուլի բիբլիոգրաֆիան, նոյնպէս երեք հատորով։ Ասոնցմէ ետք լոյս ընծայեց Հայ գիտնականներ, հրապարակախօսներ եւ ժուռնալիսթներ գործը։

Մեր դատումին առարկան հայ մամուլի վերաբերեալ աշխատասիրութիւնը ըլլալով կ՚անդրադառնանք անոր։ Եռահատոր աշխատասիրութեան առաջինը կ՚ընդգրկէ 1794-1900 թ. լոյս տեսած թերթերուն ցանկը, իրենց բովանդակութեամբ, կամ աւելի ճիշդ նիւթերու ցանկով։ Հաստափոր հատոր մըն է (746 էջ). կու տայ 272 պարբերականներու նկարագրութիւնը։ Երկրորդ հատորը կ՚ընդգրկէ 1900-1956 ժամանակաշրջանին լոյս տեսած պարբերականներու նկարագրութիւնը, թիւով 1174, 624 էջի մէջ։ Հաւանաբար, ընթերցողը հարց տայ թէ ուրկէ՛ այս համեմատութեան խախտումը երկու հատորներուն միջեւ։ Պատճառը այն է, որ ԺԹ. դարուն լոյս տեսնող եւ Ի. դարուն մէջ երկարաձգուող պարբերականները, ցուցակագրած է առաջին հատորին մէջ։ Օրինակ՝ Բազմավէպը, Հանդէս ամսօրեայն, Չօպանեանի Անահիտը ամբողջութեամբ մաս կազմած են Ա. հատորին։

Երրորդ հատորը լոյս տեսած է 1954-ին եւ կ՚ընդգրկէ՝ Բոլշեւիկեան մամուլը (1902-1920) եւ սովետահայ մամուլը (1920-1954), թիւով 390 պարբերական։ Այս հատորը մեր դատումի սահմանէն դուրս է։