Ազգապատում. հատոր Բ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ՅԱԿՈԲ Գ. ՍՍԵՑԻ

1395. ՊԱՇՏՕՆ ԵՒ ԺԱՄԱՆԱԿ

Տգեղ պարագաներու ներքեւ սկսած տեսանք Յակոբի կաթողիկոսութիւնը ( § 1388): Իր նախընթացը անծանօթ, եւ իր ծննդավայրն ալ անորոշ, Սսեցի մակդիրը կը գործածենք, ոչ միայն աթոռէն, այլեւ այնտեղ ալ հաստատուած մէկը ըլլալէն, քանի որ կրցաւ Ռամազան ամիրային պաշտպանութեամբ Կարապետը հեռացնել, եւ անոր տեղը աթոռ բարձրանալ: Որովհետեւ պակասաւոր եւ հակասական յիշատակներու մէջ օրէն է հաւանական եզրակացութիւններու վրայ հիմնուիլ, կրնանք 1404-ին կամ առ առաւելն 1405-ին դնել Յակոբի կաթողիկոսութեան սկիզբը, մօտենալով շարունակողին նշանակուած 1403 թուականին, բայց հեռանալով անոր տուած երկու տարի միայն պաշտօնավարութեան տեւողութենէն ( ՍԱՄ. 172): Առ այս մեզ կը պարտաւորէ Տաթեւացիին եւ Սսոյ աթոռին միջեւ եղած թղթակցութիւնը ուր Յակոբի անունը որոշակի գրուած է ( ՉԱՄ. Գ. 456), եւ որ տեղի ունեցած է Տաթեւացիին Վասպուրական գալէն ետքը, այսինքն է 1409 ( ՄԵԾ. 52): Իբրեւ գործ եւ արդիւնք բնաւ յիշատակ մը չունինք Յակոբի վրայ. եւ եթէ Տաթեւացիին նախաձեռնութեամբ փոխանակուած գիրն ալ չըլլար, անունը տալու չափ ալ առիթ ունեցած պիտի չըլլայինք: Արտաքին միջամտութեամբ կաթողիկոսութիւնը ձեռք անցնողի մը, շատ յարմար կու գան այն զեղծումները, զորս Մեծոփեցին կը վերագրէ Սսոյ աթոռակալներուն ( ԿՈՍ. 55-59), եւ զորս զանց կ՚ընենք այս տեղ յառաջ բերել, յետոյ կրկնութեան չպարտաւորուելու համար: Ինչ որ մտադրութեան արժանի է, անկանոն ընտրութիւնը եւ անկարգ պաշտօնավարութիւնը գիտնալով հանդերձ, Արեւելեան վարդապետներուն, Տաթեւացին ալ գլուխնին, առանց դիտողութեան եւ դժուարութեան Յակոբի կաթողիկոսական իշխանութիւնը յարգելն է, ոչ միայն ձեռնադրութիւն եւ միւռօն ընդունելու անհրաժեշտ պարագաներու մէջ, այլ եւ իրաւասութեան եւ վաւերականութեան վերաբերող խնդիրներու մէջ:

1396. ՎԱՍՊՈՒՐԱԿԱՆ ԵՒ ՍԻՒՆԻՔ

Պատմեցինք արդէն, թէ երբ Վարդան Հոգոցեցի վարդապետը, Սուխարու վանքէն Սալնապատ փոխադրուելէ ետքը, այն տեղ կը վախճանի 1406-ին ( § 1381), եւ Գրիգոր Խլաթեցի վարդապետը, որ անոր յաջորդելու կոչուած էր, կանոնաւոր հաստատութիւն մը չէր կրնար կազմել ( § 1383), Սարգիս Ապրակունեցիին օրէն մնացած 12 երիցագոյն աշակերտներ կ՚որոշէին Տաթեւ երթալ, եւ իրենց ուսումը կատարելագործել Գրիգոր Տաթեւացիի ձեռքին տակ ( § 1381): Այս տասերկուքներէն մէկն էր Թովմաս Մեծոփեցի վարդապետը, ժամանակակից պատմիչը: Վասպուրականցի եւ Սիւնեցի վարդապետներուն բարեգուշակ յարաբերութիւնները այդ ժամանակէն կը սկսէին, որ տակաւ աճելով աթոռին փոխադրութեան ճամբայ պիտի բանային: Այդ արդիւնքին ծագումը կը պարտինք Որոտնեցիին եւ Ղրիմեցիին ցանած սերմերուն, որոնք տեղական գաւառական բաժանումները զանց ընելով` Հայ եկեղեցւոյ ընդհանուր շահերուն հետամուտ եղան: Բայց յատկապէս պէտք է յիշատակել Ապրակունեցին, որ Աստապատի վանքը թողլու պարտաւորուած ատեն, իր մտադրութիւնը կը դարձնէր Վասպուրականի կողմը, եւ Սուխարու վանքը կը հաստատէր իր դպրէվանքը ( § 1358): Սիւնեցի մըն էր` որ կու գար Վասպուրականցիներուն համար աշխատիլ, եւ Վասպուրականցիք ուրախութեամբ կ՚ողջունէին իրենց եղած այցելութիւնը: Պէտք չէ մոռնանք որ Վարդան Հոգոցեցին ալ նոյն դիտմամբ աշխատած էր Սուխարու եւ Սալնապատի մէջ ( § 1381): Յիշենք Սարգիս Սորբեցին ալ, որ Սարի Ս. Գէորգը կը ծաղկեցնէր ( § 1376), զի ինքն ալ Սիւնեաց աշակերտութեան մէջ զարգացած էր Որոտնեցիին ձեռքին ներքեւ: Այդ յարաբերութեանց մէջ ուրիշ նկատելի կէտ մըն ալ կար, եւ այն ալ կաթողիկոսական իրաւասութեան տարբերութիւնն էր, որովհետեւ Վասպուրական նահանգ իր ամբողջութեամբ, ինչպէս եւ Մոկք եւ Կորդուք, Աղթամարի կաթողիկոսական իրաւասութեան ենթարկուած էին, իսկ Աղթամարի աթոռը Պահլաւունիին օրէն դատապարտութեան ներքեւ էր ( § 929), եւ Անաւարզեցիին օրով տրուած արձակումն ալ հաստատուն ձեւ մը չէր առած ( § 1203), ինչպէս Մխիթարի տուած բացատրութիւններէն կը քաղուի ( § 1304): Սիւնեցոց եւ Վասպուրականցոց մէջ սկսած փոխադարձ կապը կը ցուցնէ, թէ իրաւասութեանց տարբերութեան եւ Աղթամարի կացութեան մտադրութիւն չէր դարձուեր, եւ թէ համարձակ եւ ամբողջական յարաբերութիւններ կը պահուէին երկու կողմերուն մէջ: Այդ յարաբերութիւնները աստիճան մը եւս զօրացան, 12 Վասպուարականցիներու Սիւնեաց դպրոցը դիմելովը, զորս Տաթեւացին ընդունեցաւ իբրեւ զորդիս իւր սիրելի եւ բաղձալի, յիշելով մանաւանդ թէ Վասպուրականցի մըն էր ինքն ալ` Արճիշեցի Սարգիսին որդի ( ՄԵԾ. 50):

1397. ՏԱԹԵՒԱՑԻՆ ՄԵԾՈՓ ԿՈՒ ԳԱՅ

Վասպուրականցի վարդապետներուն Տաթեւ գալը պիտի դնենք 1406-ին վերջերը, Վարդան Հոգոցեցիին մեռնելէն քիչ ետքը, զի երկու ամ զանոնք մխիթարեաց Գրիգոր աստուածաշունչ գրովք ( ՄԵԾ. 51), Տաթեւէ մեկնելէն առաջ, որ տեղի ունեցաւ Հայոց 857-ին կամ 1408 տարւոյ վերջերը ձմեռնամուտին ( ՓԻՐ. 29), եւ կրնար Հայոց 858 ալ ըսուիլ ( ՄԵԾ. 52), որուն ամանորը կ՚իյնար դեկտեմբեր 9-ին: Իբր աստուածաշունչէ դասախօսութիւն` Մեծոփեցին կը յիշէ զչորեքտասան թուղթսն Պօղոսի առաքելոյն, իսկ սուրբ հարց գործերէն զԱռորս գիրս Աստուածաբանին Գրիգորի, որ է Նազիանցիին ճառերուն հաւաքածոյն, եւ կ՚աւելցնէ թէ սկսաւ նաեւ ուսուցանել զգիրս արտաքին իմաստասիրացն: Այդ յիշատակութիւններ կը ցուցնեն, թէ ժամանակին ընդունուած ոճն էր, որեւէ հեղինակաւոր գիրք մը ձեռք առնել, եւ անոր վրայ բացատրութիւններ տալ: Այնպէս հիացած են նորեկ Վասպուրականցիները Տաթեւացիին առատահոս դասախօսութեանց վրայ, որ Մեծոփեցին կը գրէ թէ ապշեցոյց զամենեսին առաւել քան զիմաստունսն Հելլենացւոց ( ՄԵԾ. 51), աւելի բարձր գտած են վարդապետին բացատրութիւնները` քան փիլիսոփաներուն հեղինակութիւնները: Գրիգոր Տաթեւի դասասաց ուսուցչապետը, կամ մեծ վարդապետն էր, իսկ սուրբ ուխտին առաջնորդ էր Առաքել արքեպիսկոպոս Սիւնեաց, քուերորդին մեծ վարժապետին, որովհետեւ Տաթեւի վանքը միանգամայն Սիւնեաց առաջնորդարան էր, եւ վանքն ալ արքեպիսկոպոսին իշխանութեան ներքեւ էր: Առաքելը աւելի քան Տաթեւացիի քրոջ, քեռիի որդի կը կարծենք, զի չենք կարծեր թէ Տաթեւացին, որ հազիւ 44 տարեկան Ապրակունիքէ Տաթեւ փոխադրուեցաւ, արդէն արքեպիսկորոսութեան աստիճանին բարձրանալու տարիք ունեցող քրոջ որդի կարենայ ունենալ ( § 1367): Տաթեւացիին շուրջը կը գտնուէին իր 16 վարդապետներէն 13-ը, զորս արդէն յիշեցինք ( § 1379), իսկ վերջին երեքը Մատթէոս Ուխտեցի, Մկրտիչ Փայտակարանցի եւ Ստեփանոս Թաւրիզեցի յայլ տեղիս եղած կ՚ըսուին: Անունով յիշուածներէն զատ, իրեն մօտ ունէր նա քահանայք բազումս աւելի քան զվաթսուն ոգի ( ՄԵԾ. 51): Իսկ 12 նորեկները յիշեցինք արդէն Ապրակունեցիին աշակերտներուն վրայ խօսած ատեննիս ( § 1380): Երկու տարի տեւեց Տաթեւի մէջ վայելած հանգիստ կեանքերնին, վասն զի սկսան նեղուիլ ի հալածմանէ անօրինաց ( ՄԵԾ. 52), եւ տեսան որ այլեւս ոչ գոյր հանդարտութիւն եւ ոչ հանգիստ խաղաղութեան վասն անօրինաց չարութեան: Մեծոփեցին չի ճշդեր թէ ինչ հալածում եւ ինչ խռովութիւն սկսաւ Սիւնեաց կողմը, բայց կ՚երեւի թէ Լէնկթիմուրի մահուանէ ետքը Թաթարներուն մէջ տեղի ունեցած` ներքին խռովութեանց կ՚ակնարկէ: Տաթեւացին պահ մը մտածեց ամենեցուն գնալ յԵրուսաղէմ, եւ առանձնացեալ եւ զբաղմանց աշխարհիս դաս ասել ( ՄԵԾ. 24), բայց հարկաւ դիւրութիւններ չունեցաւ, որ առեալ իր աշակերտները եկն ի գաւառն Արճիշոյ, արարեալ իւր բնակութիւն զաստուածահաճոյ ուխտն Մեծոփայ ( ՄԵԾ. 52): Ինքն Տաթեւացին, որ իրեն խնդրող բանի մականունը կու տայ, 1408-ին ի հրեշտակաբնակ վանքն Մեծոփայ եկած, եւ անդ ձմերեալ ըլլալը կը գրէ ( ՓԻՐ. 29), որով տարուան վերջերը եւ ձմեռուան սկիզբները Տաթեւէ Մեծոփ անցած ըլլալը կը հետեւի: Վանքին առաջնորդն էր, Յովհաննէս Մեծոփեցի, որ աւարտելու մօտեցուցած էր փառաւոր տաճարին շինութիւնը ( § 1382): Նա փութաց Տաթեւացիին ընդունելութեան, եւ գնացեալ դէմ ընդ առաջ հոգեւոր ծնողին իւրոյ, եւ բերեալ յանապատն իւր հանգոյց զնա ( ՄԵԾ. 59): Տաճարին շինուածն ալ աւարտելուն մեծապէս նաւակատիք կատարեց, Տաթեւացիին ներկայութեամբ: Այն տեղ ժողովեցան մետասան վարդապետք, զորս յիշեցինք ( § 1381), եւ ութսուն կրօնաւորք, եւ Տաթեւացին պայծառացեալ լուսաւորեց աստուածային վարդապետութեամբ զամենեսին ( ՄԵԾ. 59), մեկնեաց դասիւ զաւետարանն Յովհաննու աւետարանչին, զգիրս Յոբայ նահատակին եւ զգիրս գրչութեան վարդապետացն Գէորգայ Լամբրոնացւոյ եւ Արիստակէսի ( ՄԵԾ. 52), զորս Տաթեւացին ինքն ալ կը յիշէ ինքնագիր յիշատակարանին մէջ ( ՓԻՐ. 29): Իսկ Յովհաննէս անճառելի ուրախութեամբ զուարճանայր, եւ ի սպասու կայր պիտոյիցն պակասութեան ( ՄԵԾ. 59), եւ կայր ի վերայ բազմութիւն եղբարցն եւ կերակրէր զամենեսեան հացիւ եւ հանդերձիւ ( ՄԵԾ. 5):

1398. ԱՂԹԱՄԱՐԻ ԿԱՊԱՆՔԸ

Տաթեւացին եւ իրեն հետեւորդները Սիւնիքէն եկած, հարկաւ հաշտ աչքով պիտի չդիտէին Աղթամարայ կաթողիկոսութեան դիրքը, եւ Մեծոփեցին ալ կը վկայէ, թէ ի սոյն ժամանակի ի խնդիր ելեւել վասն կապանաց Աղթամարայ, պէտք զգացին հետազօտել կապանքին ծագումն ու պարագաները: Այս նպատակով պատրաստուած կ՚երեւի Վասն աթոռոյն Աղթամարայ, որ էին ի ներքոյ բանադրանաց գրուածը, Սրբոյն Գրիգորի Տաթեւացւոյն` առաքելաշնորհ վարդապետի ասացեալ ( ԿԱՆ. 170-173): Այս զննութիւններէն ետքը Տաթեւացին մեծահանդէս ժողով արարեալ արձակեաց զամենեսեան ի կապանաց հնոց կաթողիկոսացն մերոց ( ՄԵԾ. 52): Իրողութիւնը կ՚արժէր որ մանրամասնօրէն պատմուած ըլլար, այլ կ՚երեւի թէ Մեծոփեցիին զգացումները չեն ներած իրեն. խորունկը մտնել այնպիսի եղելութեանց, որոնք շատ պատուաւոր պիտի չըլլային Աղթամարի աթոռին, որին ինքն ալ վիճակայիններէն էր, եւ որուն փառաւորութեան համար ալ մեծ փափաք ունէր, եւ մինչեւ վերջ ճիգեր ալ թափեց: Աղթամարի հաւաքարանը չի յիշեր թէ Տաթեւացին Աղթամարով զբաղած եւ ժողով գումարած եւ զայն եկեղեցական կապանքէն արձակած ըլլայ: Աթոռին մէջ տեղի ունեցած շփոթութիւններն ալ Հաւաքարանը Դաւիթ կաթողիկոսի մահուանէն, կամ 1423-էն ետքը ( § 1376), այսինքն Տաթեւացիին մահուանէ ալ բաւական ետքը կը թողու: Չամչեանի պատմութեամբ, որ անշուշտ աղբիւր մը ունեցած է, Աղթամարի աթոռին շփոթութիւնները Տաթեւացիին գալէն առաջ սկսած են, եւ Տաթեւացին շփոթութեանց վրայ հասնելով, խնդիրը ձեռք առած եւ ժողովով լուծում տուած է: Այս պատմութեանը համեմատ երկու պարագաներ կը ցուցուին իբրեւ շփոթութեանց պատճառներ: Առաջինը կաթողիկոսէն դժգոհութիւն, երկրորդը աթոռներու բաժանումը ջնջելու միտում: Դաւիթ ապիկար անձ մը եղած չէ եւ իր օրով աթոռին զարգացման ալ ջանքեր եղած ըլլալը տեսանք ( § 1393): Առ առաւելն պէտք է անոր տարապարտ ճոխանալուն, կամ թերեւս բռնանալուն վերագրել տժգոհութեանց պատճառը, յիշելով մանաւանդ տուրքերու մասին կարգադրութիւնները ( § 1393): Աւելի հաւանական կը տեսնուի երկրորդ պարագայն, որուն կ՚ակնարկէ Մեծոփեցին ալ, պատմելով թէ Տաթեւացին անհնազանդ աթոռոյն Աղթամարայ վրայ ուշադրութիւն դարձնելով, քարոզեաց դառնալ ի հնազանդութիւն ( ՄԵԾ. 34): Սակայն նպատակը աւելի հեռաւոր կէտ մը կը դիտէր: Կիլիկիոյ աթոռին անկումը ընդհանուր ազգին մտադրութիւնը կը հրաւիրէր, մանաւանդ Տաթեւեան աշակերտութեան աչքին, իբր եկեղեցւոյ վերանորոգութեան կենսական կէտ մը: Պէտք էր հայրապետական աթոռը ազատել Կիլիկիոյ վարակեալ մթնոլորտէն, սակայն ցորչափ օրինաւոր յաջորդութեան գիծը այն տեղ մնացած էր, դիւրին չէր այդ կէտը յանկարծ լուծել եւ անպատրաստ կերպով որոշման մը յանգիլ: Աղթամարի աթոռն ալ բաւական ճոխութիւն ստացած էր, եւ Մեծ Հայոց կաթողիկոսութեան ձեւն առած էր, մինչ Կիլիկիոյ աթոռը Փոքր-Հայոց կաթողիկոսութեան անունով կը յիշուէր անդստին Մխիթարի օրէն ( ՄՆՍ. ԻԵ. 1258). եւ այդ կոչումները Աղթամարին կարեւորութիւն կը բարձրացնէին: Չմոռնանք յիշել, որ նոյն միջոցին Աղթամար նստող Զաքարիա եւ Դաւիթ կաթողիկոսները, աւելի կ՚արժէին քան Սիս նստող Կարապետն ու Յակոբը: Այդ ամէն պարագաներ հիմնական փոփոխութեան մը եւ կարեւոր բարենորոգութեան մը պէտք կը զգացնէին եկեղեցւոյն շահերով տոգորուած հոգիներուն:

1399. ԱՂԹԱՄԱՐԻ ԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

Չամչեանի յառաջ բերած թուղթը թէպէտ ընդհանուր Վասպուրականցիներէ գրուած կ՚ըսուի, այլ եկաք ի կողմանս Վասպուրական ծովու` բացատրութիւնը կը ցուցնէ թէ նոր եկող Սիւնեցիներու, եւ Սիւնեցիներու հետ շփուած Սուխարեցի վարդապետներուն միտքն է որ կը տիրէ, եւ անոնց թելադրութեամբ եւ ազդեցութեամբ է, որ ամենայն կարգաւորք եւ աշխարհականք կամակից եղեն անկման կաթողիկոսին ( ՉԱՄ. Գ. 456): Գահընկէց կաթողիկոսը պէտք է Դաւիթ եղած ըլլայ, որչափ ալ կարող եւ ազդեցիկ, այլ Տաթեւացիին ազդեցութեան դէմ մրցելու անբաւական: Կաթողիկոսին գահընկեցութեամբ անձի փոփոխութիւն չէ ընդհանուր նպատակը, այլ Աղթամարի կաթողիկոսութեան դադարումը, զի ոչ կացցէ տունն` որոյ հիմն ի վերայ աւազի է եդէալ, եւ ոչ ի վերայ վիմի ( ՉԱՄ. Գ. 456): Այս կերպով կապանքին պատճառը դադարելով, կապանքն ալ ջնջուած կ՚ըլլար, եւ այն յայտարարութիւնն է զոր հռչակեց Տաթեւացին, մեծահանդէս ժողով արարեալ, հարկաւ Մեծոփայ վանքը, արձակեաց զամենեսեան ի կապանաց հնոց կաթողիկոսացն մերոց ( ՄԵԾ. 52): Մեծոփեցին կը սիրէ պաշտելի վարդապետը բարձրացնել, անոր վերագրելով գործին իշխանական մասն ալ, սակայն այնպէս չէր ըմբռներ ինքն Տաթեւացին, որ գիտութեամբ եւ արժանաւորութեամբ բարձր կրնար ըլլալ, բայց իշխանական նկարագիրը չունէր: Ուստի պարտուպատշաճ կանոնաւորութեամբ կը դիմէր Յակոբ կաթողիկոսին, որ կանոնական արձակումը տայ, թելադրելով ալ, որ ամէն քաղաքի յանուանէ, եւ վարդապետացն եւ քահանայիցն թուղթ օրհնութեան գրէ, այլեւ ննջեցելոց նոցա արձակում ի կապանաց անիծիցն, եւ բոլոր Աղթամարի վիճակներուն եպիսկոպոսներ ձեռնադրէ եւ միւռոն յղէ: Մութ կը մնան միայն թէ որոնք են բոլոր այն երեք երկիրք, զոր Սսոյ աթոռին ի հնազանդութիւն բերած կ՚ըսէ ( ՉԱՄ. Գ. 456), այլ հաւանականօրէն կրնանք մեկնել` Վասպուրական եւ Մոկք եւ Կարդուք երեք նահանգներուն վրայ: Սոյն նամակին մէջ Յակոբի տրուած գովեստները, պարծանք համայնից ազգի, մեծիմաստ գիտութեան տէր, եւ վեհ գերարփի, պէտք է առնել իբր պատշաճից բացատրութիւններ, ինչպէս իշխանաւորներու ուղղուած գրութիւնները կը կազմուին, աւելի պաշտօնին բարձրութիւնը դիտելով, քան թէ պաշտօնավարողին արժանաւորութիւնը: Տաթեւացիին գլխաւորութեամբ տրուած որոշումը հաղորդուեցաւ ամէն կողմ, դէպ Արեւելք մինչեւ ի յաթոռն Աղուանից, դէպ հարաւ մինչ ի Պարսկաստան, դէպ հիւսիս մինչ ի Վրաստան, եւ դէպ արեւմուտք մինչեւ Սսոյ աթոռն սուրբ: Յակոբ փութաց պատասխանել ամենայն ուրախութեամբ, ուր զինքն կ՚անուանէ կաթողիկոս ամենայն Հայկազնեաց հանուրց եւ Վաղարշապատու, որով կը յայտնուի թէ Էջմիածինէ դուրս գտնուող կաթողիկոսներ միշտ ինքզինքնին պանդուխտ կը սեպէին եւ աթոռին բուն տեղը Էջմիածին կը ճանչնային, եւ գիրը կ՚ուղղէ յականաւոր մայրաքաղաքդ Արճէշ եւ ի սուրբ ուխտն Մեծոփայ, որով կը հաստատուի Վասպուրականացւոց ժողովին Մեծոփայ վանքը գումարուած ըլլալը: Ոչ միայն օգնութիւններ կը ղրկէ, այլեւ հայրապետական հեղինակութեամբ կը յայտարարէ, թէ այս մեր գիր հոգեւորական բարձր հրամանի հաստատութիւն է ( ՉԱՄ. Գ. 457): Յիշուած չէ նոր եպիսկոպոսներ եւ միւռոն յղած ըլլալը, բայց ենթադրելի չէ որ չոր թուղթով մը բաւականացած ըլլայ, այլ հարկաւ պատշաճ պատուիրակութիւն մըն ալ ճամբայ հանած է: Տաթեւացին 1408 ձմեռնամուտին Մեծոփ հասած ըլլալով ( § 1397), նոր գարունէն առաջ գործի ձեռնարկել չէր կրնար, եւ հազիւ թէ ամառուան յառաջանալէն ետքը կրնար գործի ձեռնարկել, միտքերը պատրաստել, ժողով հրաւիրել եւ հաւաքել, որոշում տալ, գիրերը յղել, այնպէս որ հազիւ 1409-ին վերջերը կրնար Յակոբ կաթողիկոս եղելութեան տեղեկանալ:

1400. ՏԱԹԵՒԱՑԻՆ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ

Յայտնի կը տեսնուի որ այդ մեծ շարժումը կատարուած է առանց Դաւիթ կաթողիկոսի համաձայնութեան, թէ ոչ անկման կաթողիկոսին որոշում տրուած չէր ըլլար: Այս պատճառով Դաւիթ զինուեցաւ իր անձին եւ պաշտօնին պաշտպանութեան, ձեռք առաւ այն ամէն միջոցները, որոնք կրնային նպաստել, այսինքն է կաշառի եւ բռնութեան ոյժերը կողմնակիցները զօրացուց եւ աճեցուց, եւ տեղական իշխանութիւնը միջամտութեան հրաւիրեց, անոր կասկածները գրգռելով արեւմուտքի կողմէն եղած ոտնձգութեանց դէմ, եւ քաղաքական տեսակէտներ վերագրելով պարզ հոգեւորական գործողութեան մը: Մեծոփեցին որոշ չի գրեր այդ պատճառով տեղի ունեցած անցուդարձը, սակայն իր կցկտուր ակնարկները յայտնի կը ցուցնեն, թէ Դաւիթ ուղղակի հալածանք հանեց Տաթեւացիին դէմ, իբրեւ շփոթութեանց սկզբնապատճառի, եւ գործը այնչափ մղեց, որ Տաթեւացին պարտաւորեցաւ փախուստով ինքզինքը ազատել: Արդէն Մեծոփէ մեկնելը շատ չոր կերպով բացատրուած է, թէ ի միւս ամն ելեալ գնաց ( ՄԵԾ. 34), եւ այդ խորհրդաւոր լռութիւնը աւելի կասկածաւոր կը դառնայ, երբ կը գրէ, թէ մեկնելէն առաջ` եկեալ աշակերտք նորա կացին ժամանակս ինչ անոր մօտը, եւ յետոյ ԳԱՂՏԱԳՈՂԻ ԱՌԵԱԼ ԳՆԱՑԻՆ ի գաւառն Արարատեան ( ՄԵԾ. 53): Ոչ մի պարագայ չէր ստիպեր որ Տաթեւացիին աշակերտները յանկարծ գան եւ անոր շուրջը հաւաքուին, եթէ ծանր խնդիր մը յուզուած չըլլար, եւ ոչ ալ հարկ կ՚ըլլար Տաթեւացիին գաղտագողի մեկնիլ, եթէ վտանգ մը չնշմարուէր: Տաթեւացիին ձեռնարկը ձախողած էր, եւ Մեծոփեցին կը խղճէ իր վարդապետին աննպաստ բան մը գրել: Աղթամարի կաթողիկոսը անհաճոյ քայլ մը առած էր, եւ Մեծոփեցին չուզեր զայն մեղադրել, վասնզի իր գրած ատենը Աղթամարի աթոռին հետ հաշտ էր, եւ իրարու գործակից էին Սսոյ աթոռին տեղափոխութեան համար: Այդ մտածումներն են, որ պատմիչին կ՚արգիլեն տեղնիտեղօք պատմել Աղթամարի կողմէն Տաթեւացիին դէմ յարուցուած հալածանքը, եւ մեծ վարդապետին փախուստի պարտաւորուիլը: Ինչ որ սակայն դիւրին է քաղել իրեն գրիչին ոճէն, եւ թերեւս յակամայից սպրդած պարագաներէն: Այդ եղելութիւնները պէտք է զետեղել 1410 տարւոյ ընթացքին մէջ: Մեծոփեցին կը գրէ, թէ Տաթեւացին ամ մի լման բնակեցաւ ի սուրբ ուխտն Մեծոփայ ( ՄԵԾ. 34), սակայն մեք այդ լման տարին ոչ թէ պարզ բնակութեան, այլ որ նոյն է, ուսուցչական ժամանակին վրայ պիտի մեկնենք, քանի որ 1408-ին վերջերը եկած ըլլալը իր յիշատակարանէն կը ճշդուի ( ՓԻՐ. 29), իսկ 1410-ին մեկնած ըլլալը Մեծոփեցին կը շեշտէ: Իբրեւ ուղիղ պէտք է ընդունիլ այն կտորը, ուր Հայոց 858-էն տարի մը ետքը կը դնէ մեկնիլը ( ՄԵԾ. 52), եւ ոչ թէ 868-էն ետքը ( ՄԵԾ. 53), զի այդ հաշւով տասնը մէկ տարի մնացած կ՚ըլլար Մեծոփի մէջ: Ստոյգ ալ հազիւ տարի մը աշխատած ըլլալու միջոց կը մնայ, եթէ հասնելէն ետքը պէտք եղած պատրաստութեանց, եւ մեկնելէն առաջ քաշուած ապրելու միջոցները հաշիւի առնենք:

1401. ՏԱԹԵՒԱՑԻԻՆ ՄԱՀԸ

Տաթեւացին Գրիգոր գաղտագողի ուղեւորութեան պարտաւորուած ըլլալով, նեղութիւններ ալ պիտի կրէր, զի ինչպէս գործերու ընթացքը կը ցուցնէ, մարմնոյ առողջութիւնն ալ կորսուած էր, թէպէտ տակաւին 64 տարեկան: Սաղմոսավանքի մէջ մնաց ժամանակ մը, ուր ինքն խնամեց մեծ վարդապետն Յակոբ Սաղմոսավանից, հոգեւոր հարազատն իւր, բայց իր փափաքն էր դառնալ իր սիրած օթարանը` Տաթեւի դպրեվանքը, ուր իր երջանկութիւնն էր վայելած եւ արդիւնաւորութիւնն ունեցած: Թերեւս աւաղէր ալ ուրիշներու թելադրութեամբ Մեծոփ գացած ըլլալը: Վասպուրականցիք չուզեցին լքանել մեծ վարդապետը, եւ մեք ամենեքին կ՚ըսէ Մեծոփեցին, ընկերներուն ակնարկելով, վարդապետք եւ աշակերտք գնացուք առ նա, այսինքն է Սաղմոսավանք խմբուեցան: Տաթեւացիներ ալ կ՚ուզէին իրենց մօտ ունենալ պաշտած վարդապետին, ուստի իմաստասէր եպիսկոպոսն եւ վարդապետն տէր Առաքել, Սիւնեաց մետրապոլիտը, անձամբ եկաւ. իրեն հետ եկան նաեւ աշակերտք Գրիգորի ի Սիւնեաց ի սուրբ առաքելոյն Ստաթէոյ եւ Սաղմոսավանքէն տարան Տաթեւ, կարծես թէ սիրելի վանքին մէջ հոգին աւանդելու եւ մարմինը հողի յանձնելու համար: Տաթեւացին իր վախճանը մօտալուտ զգալով, փութաց Տաթեւի մայրավանքը հասնելուն պէս իր յառաջացեալ աշակերտներուն ծայրագոյն աստիճանը տալ, որպէսզի Որոտնեցիի սկսած եւ իր ծաղկեցուցած գործը շարունակեն: Իրաւ ալ յետ ութն աւուր գնալոյ նորա հիւանդացաւ, զի արդէն հիւանդագին եկած էր, եւ ութ օրէն մահիճ ինկաւ, եւ փոխեցաւ յաստի կենացս ի հանդերձեալն ( ՄԵԾ. 53), եւ օրհաս մահուն եկն կոչեաց նա յերկնային քաղաքն ( ՄԵԾ. 34): Յանկարծական մահուան ձեւը չեն ցուցներ այդ բացատրութիւնները, բայց եւ ոչ ալ կը ճշդեն թէ որչափ ատեն տեւեց մահաբեր հիւանդութիւնը, եթէ չուզենք աւուրս ութ առողջ մնացեալ բացատրութիւնը հիւանդութեան տեւողութեան վրայ իմանալ: Ամսաթիւ չունինք, այլ միայն ըսուած է թէ մահը տեղի ունեցաւ յաւուր տօնի նախավկային Ստեփանոսի ( ՄԵԾ. 60), որ 1410-ին հանդիպած է դեկտեմբեր 25-ին, կամ հայկական տոմարով 860 նաւասարդ 17-ին, եւ չենք գիտեր թէ ինչու Յայսմաւուրքը ապրիլ 27-ին կը դնէ անոր յիշատակը ( ՅԱՅ. 531), եթէ Մեծոփեցի Յովհաննէսի մահուան հետ շփոթուած չէ: Եթէ հիւանդութեան ութերորդ օրը վախճանած, եւ հասնելուն ութերորդ օրը հիւանդացած պիտի հաշուենք, դեկտեմբեր 11-ին կամ նաւասարդի 3-ին Տաթեւ հասած, եւ դեկտեմբեր 18-ին կամ նաւասարդի 10-ին հիւանդացած պիտի հաշուենք: Մարմինը թաղուեցաւ նոյն վանքին մէջ, ուր եւ մինչեւ այսօր կը պատուուի անոր գերեզմանը ( ՍԻՆ. 236): Հարկաւ թաղումը մեծահանդէս կատարուեցաւ Առաքել մետրոպոլիտին գլխաւորութեամբ եւ Վասպուրականցի վարդապետներուն ներկայութեամբ, որոնց գլուխը կը գտնուէր Յովհաննէս Մեծոփեցին ( ՄԵԾ. 53), եւ յանուանէ կը յիշուին Թովմաս Մեծոփեցին, Մկրտիչ Մեծոփեցին, Յակոբ Ովսաննացին եւ Մկրտիչ Բերկրեցին ( ՄԵԾ. 61):

1402. ՏԱԹԵՒԱՑԻԻՆ ԱՐԴԻՒՆՔԸ

Գրիգոր Տաթեւացի Հայ եկեղեցւոյ երանաշնորհ վարդապետներուն շարքին վերջինն է, փառաբանուած եւ տօնուած յատուկ յիշատակով, եւ գովուած Եռամեծ կոչմամբ, որ գրեթէ մակդիր անուն մը դարձած է: Այդ արտասովոր փառքին բուն պատճառը հաստատուած է իր անխոնջ աշխատութեան վրայ, որով դէմ դրաւ ունիթորական հոսանքին եւ աղթարմայական վարակման, որոնք օգուտ քաղելով Հայ ազգին եւ Հայ եկեղեցւոյ անկած եւ տկարացած կացութենէն, կը յուսային զայն ընկլուզանել, եւ ազգային եկեղեցւոյ գոյութիւնը վտանգել: Գրիգոր հետեւելով նոյն ուղիղ շաւիղին, զոր ուսած էր, իր արժանաւոր վարդապետէն Որոտնեցի Յովհաննէսէն, եւ իր կողմանէ աւելցնելով ինչ որ հանճար եւ սիրտ իրեն կը թելադրէին, ինքզինքը նուիրեց սոսկ ուսումնական ճիւղին, կամ պաշտօնական բառով` վարդապետական ընթացքին. գրեց ու քարոզեց, սորվեցուց ու աւանդեց, եւ Տաթեւական աշակերտութեամբ տէր կանգնեցաւ հայադաւան ուղղափառութեան, եւ զայն ազատեց իր վտանգեալ վիճակէն: Այդ անդուլ ջանքին եւ պայծառ արդիւնքին հանդէպ երախտագիտական պարտք մըն է, զոր կը կատարէ եկեղեցին անոր յիշատակը տօնելով, որուն սկզբնաւորութեան թուականը ճշդուած չենք գտներ: Եւս առաւել չենք իմանար թէ ինչու մեծպահքի ոչ-հանդիսական օրերուն մէջ գրուած է ( ՏՕՆ. 45), որ իր մահուան տարեդարձին հետն ալ համեմատութիւն չունի ( § 1401): Նոր վերջացած դարուն սկիզբները, միաբանական նպատակի հետեւողութեամբ, պահ մը ընդհատած կը գտնենք անոր տօնը, եւ այս պարագային հետեւանքը եղած է` Յայսմաւուրքի վերջին տպագրութեան մէջ յիշատակին ալ զանց ըլլալը, ինչպէս Որոտնեցիի համար ալ յիշեցինք ( § 1366): Տաթեւացին անկասկած պէտք է դասել ժամանակին գիտնականներուն շարքը: Հարցմանց գիրքը, թէ ոճով եւ թէ պարունակութեամբ համահաւասար կերպարան եւ արժէք ունի, միջին դարու հռչակեալ լատին աստուածաբաններուն, Թովմաս Ակուինացիի, Ալբերտոս Սուաբեցիի եւ Սկովտոս Երինացիի (Thomas Aquinateusis, Albertus Suevieusis, Scotus Erlgena) գործերուն հետ, հանգիտակշիռ առաւելութիւններով եւ համանման թերութիւններով: Ասկէ կը հետեւցնենք, թէ ոչ միայն լատիներէնի հմտութեամբ, այլ եւ Լատիններուն ընդունած ձեւերով ուզած է մաքառիլ անոնց դէմ: Մինչեւ իսկ կրնանք աւելցնել, թէ Հարցմանք գիրքին մթին բացատրութիւններ կրնան լուսաբանուիլ Սկոլաստիկեաններուն լատիներէն դարձուածներուն համեմատութեամբ: Իրաւ ներկայ դարուս մէջ հետեւելի չեն այլեւս Տաթեւացիին ձեւն ու ոճը, ինչպէս գործածելի չեն արեւմտեան Սկոլաստիկեան ոճերը, սակայն ժամանակին Լատիններուն դէմ իրենց զէնքերով մաքառելու հարկը ստիպած է Տաթեւացին, Հարցմանց գիրքին մէջ իւրացնել եւ Հայոց սեփականել տալ նաեւ այնպիսի վարդապետութիւններ, որոնք Լատիններէն առջեւ կը դրուէին, եւ թէպէտ Հայ եկեղեցւոյ սեփական չէին, բայց խնդիրի նիւթ եղող կէտերէն ալ դուրս կը մնային: Կ՚երեւի թէ Տաթեւացին ուզած է այնպէս իմն ցուցնել, թէ Հայ եկեղեցին թերի բան մը չունի` իր ընդհանուր վարդապետութեան մէջ: Այսպէս են եկեղեցւոյ խորհուրդներուն եօթը թիւը, եւ Վերջին օծումը ( ՏԱԹ. 587), մեղքերու տեսակները եւ աստիճանները ( ՏԱԹ. 555), Հաղորդութեան բացատրութիւնը ( ՏԱԹ. 557), ազգաբանական ճիւղահամարը ( ՏԱԹ. 611), եւ այլ նմաններ: Հարցմանց գիրքէն ետքը գլխաւոր գործն է Ամռան հատոր եւ Ձմռան հատոր անուններով երկուքի բաժնուած քարոզգիրքը, վարդապետական տեսութիւններով ճոխացած: Ուրիշ գործերէն շատերը յիշեցինք պատմական կարգին, եւ զորս ցուցակագրած է Յայսմաւուրքը ( ՅԱՅ. 533), եւ որոնցմէ հնար է այսօր ալ օգտուիլ, որչափ ալ ոճը ընտրել չըլլայ այլ եւս մեր գործածական կերպին: Այդ գրուածներն են, որ անմահացուցած են Տաթեւացիին անունը, եւ աւելի փառաւորած, քան եթէ հայրապետական աթոռ բարձրացած ըլլար:

1403. ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՍՏԻՃԱՆՆԵՐ

Գրական երկասիրութեանցը հետ արդիւնաշատ եղած է Տաթեւացին իր ընդարձակ ուսուցչութեամբը եւ բազմաթիւ աշակերտներովը, որ ինչպէս ըսինք ներկայիս գտնուող Հայ վարդապետութեան հիմն ու աղբերակն է ( § 1367): Վերեւ քիչ մը բան ըսած ենք իր աշակերտներուն վրայ. բոլորն ալ Տաթեւացիին գործունէութեան արգասիք պէտք է համարուին: Վարդապետական աշխատութեան մասին ունեցած ջանքին եւ անոր արդիւնաւորութեան մասին սնուցած զգացումին արտայայտութիւնն եղած է վարդապետական աստիճանին տուուչութեան համար կազմած ծիսական կարգը, զոր յօրինեալ է Տաթեւացին, ինչպէս Մաշտոցին մակագրութեան մէջ գրուած կայ ( ՄԱՇ. 281): Յօրինուած կանոնը երկար է իր կազմութեամբ եւ ծանր է իր պարունակութեամբը, եւ ուրիշ ազգերու մէջ գործածուած ձեւերէն տարբեր ըլլալուն, պէտք է ընդունիլ, թէ Տաթեւացիին միտքին ստեղծումն է: Ուրիշ ազգերու մէջ վարդապետական աստիճանը իր ուսումնական կերպարանը կը պահէ, եւ Պսակաւորի, Արտօնաւորի ու Մագիստրոսի (Bachelier, Licencie, Doeteur) երեք աստիճաններով կը լրանայ: Հայ վարդապետութիւնը, որ աստուածաբանութեան մագիստրոսի աստիճանին կը պատասխանէ, Տաթեւացիին գրութեամբ ամբողջապէս եկեղեցական կերպարանի վերածուած է, 14 աստիճաններու դասաւորութեամբ, թէպէտեւ ամէն աստիճաններ իրենց յատուկ գոյութիւնն եւ նշանակութիւն չունին, այլ միայն երկու բաժանումներ կան, մէկը 4 եւ միւսը 10 աստիճաններով, որ Փոքր եւ Մեծ, կամ Մասնաւոր եւ Ծայրագոյն անուններով կ՚որոշուին: Հին ու Նոր կտակարանէ քաղուած ընթերցուածներ, եւ շարականներէ հաւաքուած յարմար պատկերներ կը կազմեն արարողական մասը, իսկ գաւազանին աստիճաններուն թուով կրկին եւ կրկին տուուչութիւնները` կը պատկերացնեն վարդապետութեան նիւթ եղող կէտերուն տարբերութիւնները, եւ պաշտօնին ընդարձակութիւնը կը ցուցնեն: Ուսմանց ընթացքը լրացնողներուն արուած աստիճանը` մասնաւորն էր, իսկ ծայրագոյնը պահուած էր վարդապետաց վարդապետներուն, որոնք վանքերու կամ վանական դպրանոցներու կամ վարդապետանոցներու մէջ իրենց յատուկ աշակերտութիւն մը կը կազմէին: Չենք ուզեր պատմութիւննիս ընդհատելով համեմատութեան դնել այդ սկզբունքը, եւ այժմեան Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեան մէջ տիրած սովորութիւնը, ուր անուսներու անգամ ծայրագոյն աստիճան կը տրուի, մինչ եթէ պէտք էր ունայնամիտ ակնկալութիւններ գոհացնել, հնար էր հինգերորդէն մինչեւ չորեքտասաներորդ աստիճաններուն մէջէն տարբեր բաժանում ալ կազմել, եւ օրինակ իմն, Աւագ վարդապետի աստիճան մըն ալ ստեղծելով աստիճանաւոր բարձրացման ձգտումներու յագուրդ տալ: Տաթեւացիին կազմած արարողական ձեւը, իր ընդարձակութեամբը նպատակ ունեցած է ուսումնականութեան գերակշռութիւնը բարձրացնել, եւ կերպով մը անոր այնպիսի դիրք մը տալ, որ նոյնիսկ եպիսկոպոսականէն աւելի փայլ մը ունենայ: Այս միտքը այնչափ զօրացաւ, որ մինչեւ վերջին դարուն սկիզբները ծայրագոյն աստիճան ունեցող եպիսկոպոսներ, վարդապետի պատուանունով կը կոչուէին, իբրեւ աւելի փառաւոր կոչում մը: Արդէն Մաշտոցի խորագիրն ալ ծայրագոյնները կ՚արտօնէ եկեղեցւոյն մէջ նստիլ ի վերայ աթոռոյ, եւ ծագէ ի ծագ թարց արգելման քարոզել, հրամայելով լինել իբրեւ զվէմս անշարժելիս, եւ ոչ մի թերութիւն ունենալ ի հաւատս, ի կարգս եւ ի կրօնս իւրեանց, եւ ինչ որ կը քարոզեն` զնոյն ինքն կատարել նախ ( ՄԱՇ. 337): Արտօնութիւններ կիրառութենէ դադարած են, անշուշտ անոր համար, որ ծայրագոյն վարդապետներ տարապայման աճած, եւ իրենց նշանակութիւնը կ՚որուսած են, պարտաւորիչ պայմաններուն չեն պատասխաներ, եւ պէտք եղած ձիրքերով ճոխացած չեն: Շատ նշանակալից է, նոյնիսկ Տաթեւացիին, Որոտնեցիի մահուան մօտ ծայրագոյն գաւազան ընդունիլը ( § 1366):

1404. ՏԱԹԵՒԱՑԻԷՆ ԵՏՔԸ

Տաթեւեան հաստատութիւնը մահուամբ չդադրեցաւ, բայց թէ ո'վ նստեցաւ Գրիգորի վարդապետական աթոռը` Մեծոփեցի պատմիչը յանուանէ յիշած չէ: Տաթեւացիին աշակերտները համրած ատեն առաջին գրած է Մխիթար Տաթեւացին ( ՄԵԾ. 50), բայց Մխիթարի անունը ուրիշ տեղ յիշուած չենք գտներ, մինչ Գրիգորի մահուանէն 30 տարի ետքը, իբրեւ վարդապետներու առաջին, եւ իբրեւ վարժապետ եւ ուսուցիչ կը յիշուի Յովհաննէս Հերմոնեցին ( ԿՈՍ. 51), որ երկրորդ է նախասացեալ ցուցակին մէջ Մխիթարէ ետքը ( ՄԵԾ. 50): Այսչափը կը բաւէ մեզի հետեւցնելու, թէ Մխիթար Գրիգորէ առաջ կամ քիչ ետքը մեռած է, իսկ Գրիգորի գործին շարունակողն ու արդիւնաւորողն եղած է ստուգապէս Յովհաննէս Հերմոնեցին: Մէկտեղ եկող Վասպուրականցիներն ալ ետ չեն դարձած, անշուշտ կը վախնային Դաւիթ Աղթամարցիին սահմաններուն մէջ երեւալ, որ հաւասարապէս զայրացած էր Տաթեւացիին գործակիցներուն դէմ, որ իրեն գահընկէցութեան աշխատած էին, թէպէտ նպատակին յաջողցուցած չըլլան: Յովհաննէս Մեծոփեցին, որ Վասպուրականէ հեռացողներուն գլխաւորն էր, առիթէն օգտուելով սկսաւ շրջան ընել Սիւնեաց եւ Այրարատի վանքերը, բայց երբ կը գտնուէր Այրեվանքը, երկիրպագանել աստուածամուխ գեղարդեանն ( ՄԵԾ. 61), հիւանդացաւ մեծապահոց միջոցին, մօտ ի Զատկի յարութեան տօնն, եւ Յինանց մէջ, ի նոյն օրն որ ասի Անսկիզբն Աստուած, ի Յարութեան օրն, այսինքն կիրակի օր մը` հարեալ վախճան նորա, գնաց առ Քրիստոս ( ՄԵԾ. 61): Անսկիզբն Աստուած յարութեան շարական, ունինք միայն Անսկիզբն Աստուած եւ ամենազօր հարցը ( ՇԱՐ. 335), կ՚երգուի Յինանց չորրորդ կամ Կարմիր կիրակէին ( ՏՕՆ. 112), որ 1411-ին կ՚իյնար մայիս 3-ին, եւ այս պէտք է ընդունուի իբրեւ Յովհաննէս Մեծոփեցիի մահուան թուականը: Նոյն չորս Վասպուրականցի վարդապետները, որոնք Տաթեւացիին թաղման գտնուած էին ( § 1401), եւ իրենց հետ եղողները` հայրենակից եւ հայրապատիւ ընկերն ալ տարին թաղեցին Հաւուցթառի վանքը, Յովսէփ նոր վկային եւ Եղիա վարդապետին գերեզմանին քովը ( ՄԵԾ. 61): Յովսէփ նոր վկայն Յովսէփ Դըւնեցին է, որուն վրայ խօսած ենք իր կարգին ( § 959), իսկ Եղիա վարդապետ` պէտք է իմացուի Հաւուցթառի վանահայրը, որ ներկայ եղած էր Լօռիի գումարումին ( § 1084), եւ որուն շինարար ու նշանաւոր անձ մը եղած ըլլալը կը քաղուի այդ պատուաբեր յիշատակութենէն: Մեծոփեցի պատմիչը` իրեններուն փառաւորութիւնները փայլեցնելու հետամուտ, կը վկայէ թէ Յովհաննէսի գերեզմանին վրայ բազում բժշկութիւնք լինէին ի սուրբ ոսկերաց նորա ( ՄԵԾ. 61), սակայն Յովհաննէսի յիշատակը Յայսմաւուրքի անցած չի գտնուիր: Որոշ պատմութիւններ կը պակսին Տաթեւացիին մահուան յաջորդող միջոցին, եւ Վասպուրականէ փախած Վասպուրականցի վարդապետներուն վրայ, որոնք կ՚երեւի թէ պահ մը ապահովութիւն չզգացին իրենց տեղը դառնալ, եւ միայն Դաւիթի հետ հաշուելէ կամ անոր մեռնելէ ետքը համարձակեցան դառնալ: Այս առթիւ Թովմաս Մեծոփեցին ալ, ժամանակակից պատմիչը, ձեռք անցուց Մեծոփայ վանքին առաջնորդութիւնը, իբր Յովհաննէսի յաջորդ:

1405. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՄԱՀԸ

Յակոբ կաթողիկոս բախտին յաջող բերմամբ պատուաւոր եւ յաջող գործի մը մէջ գտնուած էր, Աղթամարի կապանքը լուծելու կոչուելով ( § 1399), սակայն արդիւնքը տեսնելու մխիթարութիւնը չկրցաւ ունենալ, զի ոչ միայն գործը առջեւ չքալեց ( § 1400), այլ եւ իր ալ կեանքին վախճանը շուտով վրայ եկաւ: Իբրեւ ժամանակակից աղբիւր Մեծոփեցին ունինք, որ վեց կաթողիկոսներուն ետեւէ ետեւ դեղակուր սպանուած ըլլալը գրելով ( ԿՈՍ. 55), Յակոբն ալ այդ շարքին խառնած կ՚ըլլայ, բայց Չամչեան ալ, որ ամէնուն վրայ այդ տեսակ մահը չի տարածէր, Յակոբի համար կ՚ընդունի ի միաբանից հայրապետանոցին դեղ մահու արբուցեալ սպանուած ըլլալը ( ՉԱՄ. Գ. 457): Յակոբին մինչեւ 1409 ապրած ըլլալը, Վասպուրականցոց գիրէն զատ ( § 1399), Մեծոփի արձանագրութիւնն ալ կը վկայէ ( ՓԻՐ. 30), եւ սովորութիւն եղած է անոր կեանքը երկարաձգել գոնէ մինչեւ 1411, Տաթեւացիին մահուընէ ետքը ( ՉԱՄ. Գ. 457), եւ մենք ալ փաստ մը չենք գտներ անկէ շեղելու: Միայն թէ ոչ եւս 2 տարի միայն, ինչպէս սովորաբար կը տրուի ( ՍԱՄ. 172), այլ գոնէ 7 տարի պէտք է տանք անոր կաթողիկոսութեան, ինչպէս բացատրեցինք մեր ժամանակագրական բաղդատութեանց մէջ ( § 1388): Անծանօթ կը մնան մեզի սպանութեան պարագաները, թէ ինչ առիթներ գրգռեցին Սսոյ միաբանները կաթողիկոսնին թունաւորելու, եւ թէ սովորական նախանձէն, կամ Յակոբի բռնաւոր ընթացքէն ազատելէ զատ մասնաւոր պարագայ մը եկաւ միաբանները վերջնական որոշման հասցնելու: Նկատելով թէ ով եղաւ Յակոբի սպանութենէն օգուտ քաղողը, եւ շահերու ուսումնասիրութենէն փնտռելով գաղտնի եղելութեանց լուծումը, կը համարձակինք ըսել, թէ նոյն ինքն Յակոբի յաջորդը եղած կ՚ըլլայ դաւաճան դեղտուութեան գլուխը կամ հեղինակը, եւ Յակոբ իր անձամբ վճարած կ՚ըլլայ ինչ որ ինքն ալ իր նախորդին` Կարապետ կաթողիկոսին ըրած էր ( § 1388): Յակոբ Գ. Սսեցի աննշանակ կը մեռնի, ինչպէս աննշանակ ալ աթոռ բարձրացած էր, քայլ մը եւս առջեւ տանելով հայրապետական աթոռին քայքայումը, ընդարձակելով զեղծմանց ասպարէզը, եւ իր բռնական ընթացքով գրգռելով ապերախտ վրէժխնդրութիւնները:

1406. ԵՈՒՍՈՒՖ ԵՒ ԻՍՔԷՆՏԷՐ

Քաղաքական պատահարները աչքէ վրիպեցուցինք, ազգային եւ եկեղեցական եղելութեանց հետ ներքին կապ չունենալնուն: Լէնկթիմուր 1402-ին Օսմանեանց սուլտան Պայազիտ Եըլտըրըմի վրայ տարած յաղթանակէն ետքը ( § 1385), եկն նախ ի վերայ տանն Վրաց գերել եւ կորուսանել զնոսա: Անհնարին եղան հասուցած չարիքը եւ ահեղ կոտորածը, աւելի քան զվաթսուն հազար ոգի գերի վարեցին ( ՄԵԾ. 66), մերկ եւ բոբիկ, քաղցած եւ ծարաւած, որոնց մէջ տկարներուն քար առեալ ջախջախէին զգլուխս, զի մի կենդանի մնասցեն, ինչպէս կը վկայէ Մեծոփեցին, թէ տեսաք աչօք մերովք եւ լուաք, բայց օգնել ոչ կարէաք ( ՄԵԾ. 67): Լէնկթիմուրի այդ արշաւանքը վերջինն եղաւ դէպ Արեւմուտք. միւս տարին 1404-ին պարտաւորուեցաւ Չինաստան արշաւել, բայց չկրցաւ գլուխ հանել, զի ճամբան մեռաւ, Խոքանտ գաւառի Օթրար աւանը, 1405 փետրուար 18-ին, 71 տարեկան: Լէնկթիմուր անգութ բռնաւորի տիպար մըն է արտաքնոց համար, իսկ իրեններէն աշխարհաշէն, ուսումնասէր, օրէնսդիր եւ արդարասէր վեհապետի համբաւը կը վայելէ ( ՏԻՒ. 357): Իրեն յաջորդեց որդին Շահռուհ, զոր ոմանք կը նոյնացնեն Միրանշահի հետ ( § ՆՏ. 186), որ Պարսկաստանի իշխանապետ թողուած էր, եւ սա ալ այն տեղ իրեն յաջորդ նշանակեց Էօմէր որդին: Անցողակի յիշենք թէ շատ շփոթ են Լէնկթիմուրի որդիներուն եւ թոռներուն անձերն ու անունները, որ միահամուռ 40-ը կ՚անցնին: Սոյն Էօմէրի համար կ՚ըսուի, թէ դարձոյց բռնութեամբ յանհաւատութիւն Բուռթէլ Օրբելեանը եւ անոր եղբայր Սմբատը, Տաթեւացիին պաշտպանը ( § 1367), Տարսայիճ Եղեգեաց, Աղիտան Աղցից, եւ Սարղաթմիշ Մակուայ իշխանները, որոնք իբրեւ զճիռ մի ողկուղաց մնացեալ էին, եւ որ յետոյ զղջացան եւ եղեն ճռմարիտ հաւատացեալք ( ՄԵԾ. 67): Գարա-Եուսուֆի Գարաքօյունլուն, որ իր երկրէն փախած էր ( § 1384), բայց ոչ ի խաւարագոյն բանտս ներքինս գրուած ինչպէս ոմանք կարծեցին ( ՍԱՄ. 173), այլ ոչ կարաց գալ յաշխարհս մեր մինչեւ ց855 ( ՄԵԾ. 49), որ է 1409 այսինքն է Լէնկթիմուրի մահուան յաջորդող տարին, երբ զօրացեալ Յուսուփն այն Ատրպատական մտաւ յաղթական, եւ արար խաղաղութիւն վերին կողմանց աշխարհիս Հայոց: Իսկ յերկրորդ ամին, այսինքն է 1407-ին, նոր պատերազմ բացուեցաւ Լէնկթիմուրի թոռին Ապուպէքիրի եւ Յուսուփի միջեւ, եւ նորէն Յուսուփ զօրացաւ, Երզնկան, Մէրդինն ու Արզնին իրեն հպատակեցուց, Ամիդի վրայ ալ քալեց` որ Աքքօյունլուներուն կեդրոնն էր, բայց հպատակութիւննին ընդունելով հաշտութեամբ վերջացուց: Աքքօյունլուներուն վեհապետն էր Օսման կամ Օթման, զոր յոյժ սիրող ազգիս Հայոց կ՚անուանէ Մեծոփեցին, առանց գործ մը յիշելու ( ՄԵԾ. 72): Պաղտատի ամիրայ Ահմէտը, Յուսուփի բացակայութենէն օգտուելով Թաւրէզ գրաւեց, բայց Յուսուփ ետ դարձաւ, ոչ միայն Թաւրէզ, այլեւ Պաղտատն ալ առաւ, եւ Ահմէտ սպաննելով Սքանդար կամ Իսքէնտէր որդին այն տեղ նստեցուց, եւ ինքն դարձաւ հանգստանալ Բագրեւանդի Վաղարշակերտ քաղաքը, որ եւ այժմեան Ալաշկերտը: Պահ մը պատերազմի աղմուկը դադրեցաւ, եւ եղեւ ի նոյն ժամանակս խաղաղութիւն խնամօքն Աստուծոյ, եւ մարդիկ ի շէնս բնակէին, թէպէտ հարկապահանջութիւն բազում էր, սակայն խաղաղութիւն առանց խռովութեան էր ( ՄԵԾ. 73): Այս միջոցը կը պատասխանէ Տաթեւացիին Վասպուրական գալուն, եւ Աղթամարի խիդիրը յուզելուն, եւ Դաւիթ Աղթամարցիին վերստին զօրանալուն, որուն պաշտպան կանգնած էր Գարաքօյունլուն Յուսուփ, միշտ կասկածօտ օտարներու միջամտութեանց մասին: Մեծոփեցիին գրելը թէ ծաղկեալ էին եկեղեցիք, պէտք է պատշաճեցնենք Տաթեւացիին ձեռօք եղած բարեկարգութեանց: Դաւիթ ալ հեռու չէր այդ գործունէութենէ, որչափ ալ Տաթեւացիին դէմ զինուած ըլլար աթոռական խնդիրին պատճառով: Պատեհէն օգտուելով ուրացեալ Հայ իշխաններ որոնք վերեւ յիշուեցան, եկին ի հաւատս, եւ մինչեւ իսկ Տաճիկներէն գրաւուած վանքեր ու եկեղեցիներ` ետ տրուեցան ( ՄԵԾ. 73):

1407. ԻՍԱՀԱԿ ՅՈՒՍՈՒՓ

Այդ միջոցին էր որ հռչակ կը գտնէին Յուսուփ Իսահակ պարսիկին քարոզութիւնները: Բնիկ Թաւրէզցի էր նա, իսլամ կրօնքին մէջ ծնած եւ ուսած, ու լիրբ եւ յանդուգն ընթացքովը, հալածիչ մը եղած էր քրիստոնէից դէմ, եւ ամէն տեսակ բռնութեանց ձեռներէց էր, ոչ ունելով բնաւ պակասութիւն չարեացն ( ՆՈՐ. 208): Տակաւին պատանի մըն էր շուրջ 1377-ին, երբ կը հաւաքէր զպիղծ ոսկերս շանց, եւ կը ձգէր ի կարաս քրիստոնէից ( ՄԵԾ. 73): Կ՚երեւի թէ այդ գործերը պահ մը իր սիրտն ալ վրդովեցին, որ գիշեր մը ընտանիք նորա, մայրն եւ եղբարք, անոր ահագին գոչման ձայնէն զարհուրեալ ապուշ մնացին, եւ զարթուցանել ոչ կարէին մինչեւ երեք տիւ եւ երեք գիշեր: Լսուած ձայնն էր, Աստուած իմ մեղայ քեզ, խոստովանիմ եւ հաւատամ, եւ ուրիշ համիմաստ բացատրութիւններ ( ՄԵԾ. 75): Երիտասարդը վերջապէս ուշաբերելով սկսաւ թմրութեան մէջ տեսածները պատմել, որոնք էին դժոխքի ահաւոր տեսարաններ, եւ զինքն անոնց մէջ նետելու սպառնալիքներ, եւ արքայութեան վայելքներու հեռապատկերներ, որոնցմէ սարսափած դաւանութեան աղաղակներ կը կրկնէր: Քունին մէջ խոստացածը, արթնութեան մէջ կատարելու հաստատուն միտքով, կը դիմէր Թաւրէզ գտնուող Ստեփանոս Լալուկ վարդապետին, եւ կը մկրտուէր, եւ այս առթիւ Եուսուֆ անունը փոխելով Իսահակ կը կոչուէր, բայց սովորաբար երկու անուններովը մէկտեղ Յուսուփ Իսահակ կը կոչուի ( ՄԵԾ. 76): Առաջուընէ գիտէր զգիրս Տաճկաց, վարդապետէն ալ ուսաւ զգիրս Հայոց, եւ որովհետեւ էր յոյժ ստուգամիտ եւ տեսող, ճարտար քարոզիչ մը դարձաւ ( ՆՈՐ. 209), Իսահակայ պարսիկ վարդապետի կոչումն ալ ստանալու չափ ( ՆՈՐ. 217), թէպէտ բնաւ եկեղեցական աստիճան չունէր: Նոյն նախանձայուզութեամբ որով քրիստոնէութեան հալածիչն ու անարգողն էր, քարոզիչն ու պաշտպանը դարձաւ Առաքելոյն Պօղոսի նման ( ՆՈՐ. 209), սկսելով նոյնիսկ իր ծննդավայրէն, Թաւրէզ քաղաքէն, եւ հետզհետէ շրջելով ի Քրդաստան, ի Պարսկաստան, ի Հնդկաստան, ի Վրաստան, յԱսորեստան, ի Բաղդատ եւ յոյլ բազում տեղիս եւ իր քարոզութեամբ ածեալ զբազումս ի հաւատս Քրիստոսի, եւ այսպէս աշխատելով զամս քառասուն, մինչեւ որ ծերացաւ ( ՆՈՐ. 213): Քարոզութեանց հետ համընթաց էին հալածանքներն ալ զորս կրեց, խստագոյն չարչարանքներու ալ ենթարկուելով, բայց թէ այսպէս կամ թէ այնպէս վերջնական վտանգներէ ազատուելով: Թաւրիզի մէջ ուղտի վրայ ձաղանքի ենթարկելէ ետքը, այնչափ գանակոծեցին` որ հազիւ 40 օր նոր քերթուած մորթի մէջ ծրարելով առողջացեալ հանին ընտանիքն: Սուլտանիա քաղաքը, Սմրղանդ մայրաքաղաքը, Պաղտատի մէջ ալ նմանօրինակ նեղութիւններ կրեց ( ՄԵԾ. 76): Լայիլանի մէջ կրակով փորձեցին, Նախիջեւան` պարիսպէն վար ձգեցին, Մարաղա` գլխիվայր կախեցին ( ՆՈՐ. 212): Պահ մը Մեծոփայ վանքն ալ քաշուեցաւ եւ վեց ամիս հոն մնաց: Մեծոփեցին եկն առ մեզ կ՚ըսէ, եւ տարին ցոյց չտար, բայց հաւանաբար 1409-ին, Տաթեւացիին այնտեղ եղած տարիին պէտք է պատշաճեցնել: Մեծոփէ գնաց Արճէշ, ուր մինչեւ ի մէջքն թաղելով քարկոծեցին, եւ բազուկը խորտակելով ազատ թողուցին, ուսկից եկն դարձեալ առ մեզ կը գրէ Մեծոփեցին ( ՄԵԾ. 76): Բայց այս թուականէն ետքն ալ Յուսուփ-Իսահակ շարունակած է քարոզչական շրջագայութիւնները մինչեւ իր նահատակութիւնը, որ տեղի ունեցած է Շամախի քաղաքը, 1417 ապրիլ 18-ին, հաստ բիրով գլուխը պայթեցնելով, այնպէս որ ուղեղն արիւնախառն ի վայր թափեցաւ ( ՆՈՐ. 216):