Ազգապատում. հատոր Բ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ԿՈՍՏԱՆԴԻՆ Ա. ԲԱՐՁՐԲԵՐԴՑԻ

1101 ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՆԱԽԸՆԹԱՑ

Յովհաննէս կաթողիկոսի մեռնելով կաթողիկոսական աթոռը նախորոշ յաջորդ մը չունէր: Պահլաւունի եպիսկոպոսներուն վերջանալէն ետքը գոնէ Հեթումեանց տունին դարձած էր ընդհանուր մտադրութիւնը 1072), բայց անկէ ալ պատրաստ եպիսկոպոս չկար, եւ բացէն մէկը ընտրելու պէտքը յայտնի էր: Շատերուն աչքը Գրիգոր Սկեւռացիին վրայ էր, իբր զի ոչ միայն արժանաւոր ձիրքեր ունէր, այլ եւ Լեւոն թագաւորի խոստովանութեան հայրն, կամ ուրիշ անունով արքունեաց ծխատէրն էր, եւ գոնէ թագաւորական տունին հետ յարաբերութիւն ունէր 1096): Սակայն Ռուբինեանց տունը այլ եւս իր նշանակութիւնը չունէր, որչափ ալ Զապէլ աղջնակը Հայոց թագուհի կը կոչուէր, սակայն իշխանութիւնը Կոստանդին խնամակալին ձեռքն էր, որ իր երկու ընկերներուն Սիրադանի եւ Յովհաննէսի մեռնելէն ետքը, միահեծան խնամակալ եւ թագաւորութեան տէր մնացեր էր, եւ անոր կամքը կ՚իշխէր այլ եւս: Կաթողիկոսական յաջորդութեան մէջ անոր հաճելի անձը պիտի նախադասուէր հարկաւ եւ միութեամբ ամենայն իշխանաց եւ եպիսկոպոսացն ընտրեցաւ յամենեցունց տէր Կոստանդին (ՄԻԽ. 516), բնիկ Բարձրբերդցի. որ Մավռիանցի ալ կը կոչուի, հաւանաբար Մավռիանի գիւղացի կամ թէ Մավռիանի վանական ըլլալուն համար հայրն ալ սոսկական անձ մը եղած էր Վահրամ անունով: Կոստանդին ուսմամբ եւ արժանեօք կրցած էր բարձրանալ եկեղեցական ասպարէզին մէջ, եւ կը գտնուէր եպիսկոպոս Միլճոյ (ՄԻԽ. 516), բայց որովհետեւ Մլիճ վանք մըն է եւ ոչ վիճակ, Պապեռոնի եւ Բարձրբերդի մօտերը, մենք հաւանական կը տեսնենք, որ Կոստանդին միանգամայն Բարձրբերդի ալ եպիսկոպոս էր: Արդ Կոստանդին խնամակալ Պապեռոնեցւոց տոհմէն ու Բարձրբերդի իշխանն ու տէրն էր, ինչ որ մեզի կ՚առաջնորդէ երկու Կոստանդիններու յարաբերութիւնը ճշդելու եւ անոնց մտերմութիւնը հաստատելու, եւ իրարու բարեկամ եւ ձեռնտու գործակցութիւնը բացատրելու: Վարդան կը գրէ թէ Կոստանդին ընտրուեցաւ ոչ յարենէ եւ կամ ի պատւոյ, կամ ի մամոնայէ, այլ ի շնորհաց Հոգւոյն կոչեցեալ եւ յամենայն լեզուաց վկայեալ (Վար. 141), որով կ՚ուզէ ակնարկել, որ իր արժանաւորութեամբ բարձրացաւ, եւ ոչ իր ազգատոհմովը, ինչպէս իր նախորդները: Բայց մեր դիտողութիւնը նորէն կողմնակցական պաշտպանութեան դեր մը ունեցած ըլլալը կը ցուցնէ, որ սակայն արժանաւորութեանը չի հակասեր, քանի որ ազգատոհմի առաւելութեամբ բարձրացող Պահլաւունիներն ալ անարժաններ չեղան երբեք: Տոհմային առաւելութեան բացակայութիւնը կը թելադրէ Կոստանդինը շատ երիտասարդ չկարծել ընտրուած միջոցին, եւ թէպէտ 46 տարի աթոռին վրայ մնաց, բայց տակաւին կրնանք 35-էն 40 տարիք ընծայել իրեն 1221-ին, երբ հայրապետական աթոռ բարձրացաւ: Որովհետեւ Կոստանդին խնամակալին պաշտպանութիւնը ենթադրելով ալ, Կոստանդին կաթողիկոսին արժանիքը նուազած չենք ըլլար, կրնանք ընդունիլ, թէ իրաւցնէ այս ընտրութեամբ եղեւ ուրախութիւն ամենեցուն յաղագս առաքինի եւ բարեբարոյ եւ խաղաղասէր մտացն, որով ամենեցուն հռչակաւոր լինէր (ՄԻԽ. 517), զի վերջապէս լոկ անձնական ձիրքերովը զարգացած եւ պատրաստուած անձ մը հայրապետական գահուն կը բարձրանար:

1102. ՓԻԼԻՊՊՈՍԻ ԹԱԳԱՒՈՐԵԼԸ

Գրեթէ երկու տարի էր որ Կիլիկեան Հայ թագաւորութիւնը առանց թագաւորի կը մնար, եւ մանկահասակ աղջկան մը թագուհիութիւնը արեւելեան ժողովուրդներու ճաշակին չէր պատասխաներ: Խնամակալն ալ որչափ խոհական եւ կարող, վերջապէս դժուարին կացութիւն ունէր, զի երեքներէն մինակ մնացած էր, եւ հարկաւ շատեր լաւ չէին տեսներ անոր միապետ դառնալը: Կոստանդին խնամակալ ինքն ալ զգաց այդ անպատեհութիւնները, եւ իրեն համամիտ օգնական ունենալով նորընտիր Կոստանդին կաթողիկոսը, ուզեց կացութիւնը դարմանել: Ժողովեաց զամէն եկեղեցականքն եւ զօրքն, այսինքն զօրավարքն Հայոց եւ ասաց. Պարոնայք, դուք գիտէք թէ յինչ նեղութեան գտի զաշխարհս, եւ զմէր պարոնին յետամնացքն, այսինքն Լեւոնի ազգականները, ու Աստուածով ինչու ի յայս բերի: Կոստանդին իր գործունէութեան արդիւնաւորութիւնը կը հռչակէ որով անտերունջ երկիրը կառավարեց, ու կը յաւելու: Մեր պարոնի դուստր կարգման եղաւ, ամէնդ թապտիրուեցէք որ մեզ պարոն բերեմք (ՍՄԲ. 120): Ամուսնանալու տարիքին հասած ըսուող աղջիկը Զապէլն էր, 1215-ին ծնած 1088), որ հազիւ 7 տարեկան կրնար եղած ըլլալ, եւ անոր բերուելիք փեսան ալ շատ մեծ չէր կրնար ըլլալ, հետեւաբար Կոստանդին ալ պիտի չկարենար բոլորովին խնամակալութենէ քաշուիլ, թէպէտ ինքը կը յայտարարէր թէ, ես ուզեմ որ իմ տան եւ իմ որդւոցն անդորրութիւն առնեմ (ՍՄԲ. 121): Երբոր Կոստանդիններ այդ առաջարկը կը բերէին, հարկաւ փեսայացուին մասին պատրաստութիւններ ունէին, սակայն խորհրդակցութեան հրաւիրեալներ թապտիրուեցին շատ օրեր, եւ համամիտ գտնուեցան, որ քան ի յայ տեղւոց բերեն պարոն, ինչ որ կը յայտնէ թէ փոխադարձ նախանձը չներեց Հայ իշխանի մը անունին վրայ համաձայնիլ եւ անշուշտ Կոստանդին այդ ատենէն կը փափաքէր իր զաւակներէն մէկը բարձրացնել Հայոց թագաւորութեան: Խորհրդակցութիւնը վերջացաւ եւ Զապէլի փեսայութեան ընտրուեցաւ Անտիոքի դուքս Բոյեմոնդոսի երկրորդ որդին` Փիլիպպոսը, իբր 18 տարեկան երիտասարդ մը: Բոյեմոնդոսը նոյն ինքն Տրտիպոլսեցին էր, Լեւոնի հակառակորդը եւ Ռուբէնի մրցակիցը, որ վերջապէս տիրացած էր Անտիոքի 1096), եւ զարմանալի պիտի երեւէր նոյնին որդին Հայոց թագաւորութեան կոչելնին, եթէ չգիտէինք, թէ Հայեր այս կերպով Լեւոնի հին գաղափարը կը շօշափէին, Կիլիկիոյ եւ Անտիոքի իշխանութիւնները միացնելով կամ մօտեցնելով իրենց դիրքը ամրացնել, եւ կ՚ըսէին ալ թէ Անտիոք ի մօտս է, եւ լաւ կարէ օգնել մեզ ի մեր ամէն կարիք: Բանակցութիւնները աւարտեցան, եւ ամուսնութիւն տեղի ունեցաւ 1222-ին (ՍՄԲ. 121): Փիլիպպոս հռոմէադաւան լատին էր, բայց Հայեր չուզեցին իրենց գահին վրայ օտարադաւան մը ունենալ. եւ բերին պայման (ՍՄԲ. 154), որ Փիլիպպոս հայենակ կենայր, ու զեկեղեցին ու զսեղանն հայենակ տանէր, որ է ըսել հայադաւանութիւնը ընդունէր, եւ զամէն մարդ յիւր իրաւունքն պահէր (ՍՄԲ. 121), որով կ՚ակնարկուի Հայերը չզրկել եւ Լատիններ առջեւ չքաշել: Ամուսնութենէ ետքն ալ Կոստանդինի խնամակալութիւնը անմիջապէս դադրած պիտի չըլլայ, եւ ոչ ալ Փիլիպպոս նոյնհետայն աղիկամի գործեր կատարած պիտի ըլլայ, որովհետեւ անտեղի գործեր սկսան երբ մեծացաւ եւ եղեւ քսան տարւոյ (ՍՄԲ. 121), որով չափահասութեան տարիքը հասնելէն ետքը աղիկամի գործերու սկսած ըլլալը կը հաստատուի:

1103. ԹԱԹԱՐՆԵՐ ԵՒ ՎԿԱՆԵՐ

Երբ այդ կարգադրութիւնք կը կատարուէին արեւմտեան գաւառներու մէջ, անհնարին տագնապ մը վերիվայր կ՚ընէր արեւելեան երկիրները, զի Ասիոյ միջնաշխարհին Թաթարները, որ Մոնղոլ եւ Թուրք ալ կը կոչուին, դէպ արեւմուտք սկսեր էին արշաւել: Իրենց նախկին պատմութիւնը ոչ պայծառ է, եւ ոչ մեր նպատակին մէջ կը մտնէ: Ընդհանրապէս կ՚ընդունուի թէ եօթն ժողովուրդներ կամ տէրութիւններ էին (ՀԵԹ. 31), երբ անոնցմէ մէկուն պետը Թէմուճին, որ Ճէնկիզ կոչուեցաւ, եւ Ջէնկիզ կամ Չանկզ կամ Կոնգիոս ալ կը գրուի, միւսներուն վրայ զօրացաւ, եւ ամէնքն ալ զայն իրենց գլուխ ճանչցան (ՀԵԹ. 32), եւ անոր հրամանին ներքեւ ամէն կողմ յարձակեցան, եւ գլխաւորապէս Պարսից կողմերը, եւ բոլոր անոնց հպատակ երկիրները աւերեցին, եւ Մուհամմէտ Ճէլալէտտին սուլտանը աւերեցին, եւ Մուհամմէտ Ճէլալէտտին սուլտանը վռնտեցին, թէպէտեւ սա կրցաւ նորէն դառնալ, երբ Թաթար ասպատակը քաշուեցաւ: Այս եղելութիւնք տեղի ունեցան 1176-էն մինչ 1226 տարիներու միջոցին: Թաթար ասպատակին մէկ թեւն ալ շուրջ 1220-ին Սաբատա կամ Սուպութա զօրավարին առաջնորդութեամբ Կովկասներէն անցնելով Վրաց թագաւորութեան վրայ ինկաւ, եւ աւերածները սկսան, Գէորգ Լաշա թագաւոր եւ Իւանէ Օրբելեան սպարապետ, չկրցան անոնց դիմադրել, եւ նոյնիսկ Խաչէնի Հայ իշխան Գրիգոր Հաղբակեան գերի ինկաւ, եւ անոր եղբօր Վասակի որդին Պապուք իշխան պատերազմին մէջ մեռաւ, եւ Մկդեմ ու Հասան` Վասակի միւս որդիները հազիւ ազատեցան (ԿԻՐ. 105): Ձայն ելած էր թէ Թաթարները քրիստոնեայ են եւ իսլամներուն դէմ կու գան, որով մինչեւ իսկ խաչով ու թափօրով զիրենք դիմաւորողներ ալ գտնուեցան (ԿԻՐ. 103), եւ իրօք ալ քրիստոնէութեան Թաթարներուն մէջ կանուխէն մտած ըլլալը պատմողներ կամ (ՉԱԳ. Գ. 197): Սակայն Ճինկիզի արշաւանքը յայտնապէս քրիստոնէութեան ալ դէմ էր, ուստի խաչով դիմաւորողներն ալ կոտորուեցան, եւ քրիստոնէական սրբութիւններ պղծուեցան (ԿԻՐ. 103), եւ քրիստոնեայ գերիներ ուրացութեան ստիպուելով կը նեղուէին զանազան տանջանօք, քաղցիւ եւ ծարաւով եւ մերկութեամբ (ԿԻՐ. 105): Աւելի խստութիւն բանեցուցին Գրիգոր իշխանի վրայ, զոր նեղեցին բազում խոշտանգանօք, քարշեցին մերկ ի վերայ երկրի, եւ քաշով քանդեցին զամենայն մարմինն, մինչեւ ի գանելն նոցա աւանդեաց զհոգին, եւ ընկալաւ ի Քրիստոսէ զվկայական պսակն (ԿԻՐ. 105): Ժամանակակից է համանուն մարտիրոս մըն ալ, Գրիգոր Կեչրորցի, որուն գերեզմանը 1222 թուականը կը կրէ (ՆՈՐ. 95): Իսկ Իվանէի եւ Վրաց յաղթուիլը իբր աստուածային պատիժ կը մեկնուի, որովհետեւ անարգած էին Պարկեշտ Բջնեցի սրբակրօն Հայ քահանային գերեզմանը, զոր տեղացիք իբր ուխտատեղի կը պատուէին, իսկ Իւանէի կինը յունադաւան մոլեռանդութեամբ Պարկեշտին ոսկրները հանել ու այրել տուած էր, եւ հրամայած շուն զենուլ ի տեղւոջն (ՎԱՐ. 143): Երբ Թաթարներ կը քաշուէին, պահ մը Իւանէ հետապնդեցաւ անոնց ետեւէն, բայց անոնք նորէն դարձան եւ իրենց աւերածները շարունակեցին, եւ այսպէս Հայաստան բովանդակ ոտնակոխ եղաւ, մի մասը Վրաց եւ միւս մասը Պարսից ձեռքը գտնուելով, եւ երկկողմանի արշաւանքներուն չարաչար հետեւանքները կրեց:

1104. ՓԻԼԻՊՊՈՍ ԳԱՀԱԶՈՒՐԿ

Արեւմտեան գաւառներ տակաւին Թաթարներու արշաւանքէն ազատ էին, բայց հանդարտ չէր իրենց ներքին վիճակը: Փիլիպպոս Բոյեմոնդոսի զաւակն էր, եւ շատ դիւրահաւան միտք մը եղած էր անոր ձեռքով Հայոց շահերը պաշտպանել: Հազիւ թէ Փիլիպպոս քսան տարեկան կ՚ըլլար, եւ իրաւունք կը զգար ինքն իրեն պետական գործերը վարել, շուտով դուրս կու տար իր ներքին դիտումը, զի ատելի էր նմա ազգս Հայոց, եւ երդմնազանց եղեալ ի յեդեալ ուխտէն` որ էր հայադաւան եւ հայասէր լինել (ՎԱՐ. 141), լատին եւ հռոմէադաւան սովորութիւնները կը պահէր, եւ Հայ իշխանները ծաղր առնէր (ՍԱՄ. 148) լատինամիտ երգիծանօք, եւ իւր հօրն թապտրով, կ՚ուզէր որ ձգէր զՀայոց զամէն իշխանքն, եւ յիւրոցն դնէր (ՍՄԲ. 121): Նոյն իսկ Լեւոնէ մնացած զպատուական թագն (ՎԱՐ. 141) եւ զպաղատն արքունական, զոր յերեւելի աւուրս կանգնէին, եւ զոր յարմար է մեծ հանդէսներու օրով գործածուելիք արքունական վրան իմանալ, եւ այլ գանձս ոսկւոյ եւ արծաթոյ (ԿԻՐ. 141), առաքէր ի տուն հօր իւրոյ Անտիոք քաղաքը: Այդ կերպով կը յառաջէր այնչափ, որ Հայ իշխաններ չկարացին ժուժել իւրեան (ՍՄԲ. 121), եւ երբոր իմացան որ գողօնին ետեւէն ինքն ալ գնայր յԱնտաք, եւ ունէր ընդ իւր եւ զԶապէլ թագուհին, ետեւէն հասան եւ ըմբռնեցին զթագաւորն Ֆիլիպ յայնկոյս գետոյն Ջահանայ, որ է ըսել Համտուն գաւառին մէջ, եւ անմիջապէս կապեալ զնա եդին ի զընտան (ՍԱՄ. 149), նոյնիսկ ի Թիլն Համտնոյ, եւ յաթոռոյն ձգեցին (ՍՄԲ. 121): Ըստ այս թագաւորական գահը նորէն դատարկ հռչակուեցաւ, եւ նորոգուեցաւ Կոստանդինի խնամակալական պաշտօնը, Զապէլ թագուհիին անունին ներքեւ, որ դեռ ութը տարեկան էր: Ֆիլիպի բանտարկութեան պայմանաժամ նշանակուեցաւ մինչեւ բերցէ զթագն եւ զգանձն զոր տարաւ, եւ կը յուսացուէր որ հայրը առածները դարձնէր որդւոյն ազատութեան համար, սակայն նա ոչ ետ եւ ոչ զմին, այլ եւ ոչ օգնել կարաց որդւոյ իւրում, ուստի խնամակալն եւ իշխաններ թողին զնա անդ Թիլի բանտին մէջ, մինչեւ ի նմին մեռաւ (ՎԱՐ. 94): Ճշդուած չէ թէ որչափ ապրեցաւ Փիլիպպոս բանտին մէջ, սակայն դիտելով, որ Կոստանդինի խնամակալութիւնը երեք տարի շարունակեց, եւ միայն 1226-ին սկսան խորհիլ Զապէլի երկրորդ ամուսնութեան մասին, յարմարագոյն կ՚ըլլայ ըսել, թէ երկու տարի եւ աւելի ալ մնացած ըլլայ նա Թիլի զընտանին մէջ, եւ բանտարկութեան մէջ մեռած, քանի որ հայրը նախադասեց Հայոց արքունիքին թագն ու գանձերը իւրացնել, քան թէ որդւոյն կեանքը ազատել: Բնական էր որ Փիլիպպոսի ընթացքը Հայերը զայրացնէր Լատիններուն դէմ, հետեւաբար կրկին նորոգեցին Լեւոնի օրով Լատիններուն դէմ բացուած հալածանքը 1090), ամէնքը Կիլիկիայէ հեռացուցին, նոյնիսկ վտարեցին Տարսոնի եւ Մամեստիոյ լատին եպիսկոպոսները, որոնք Լեւոնի օրէն դրուած էին: Ասոնց դարձին համար Հոնորիոս Գ. պապը, ուղղակի Կոստանդին կաթողիկոսին դիմեց, եւ 1223 դեկտեմբեր 17 թուակիր գրութեամբ Երուսաղէմի լատին պատրիարքին ալ գրեց, նոյն նպատակին համար աշխատելու (ՍԻՍ. 528):

1105. ՀԵԹՈՒՄԻ ԹԱԳԱՒՈՐԵԼԸ

Փիլիպպոսի գահընկէցութենէն ետքը Հայոց նոր թագաւոր մը տալու կերպը` Զապէլի նոր ամուսին մը տալն էր, որով հարկ եղաւ սպասել մինչեւ որ անուանական թագուհին այրիանայ, ինչ որ վերջապէս տեղի ունեցաւ Փիլիպպոսի մեռնելով բանտարգելութեան հետեւանքով, եթէ չուզենք անուղղակի միջոցներու կիրառութիւն ենթադրել, ինչ որ այն դարերուն մէջ սովորական միջոց մըն էր: Կոստանդին որ թագաւորութիւնը իր ձեռքն առած էր, կ՚ուզէր զայն իր տոհմին պահել, բայց քանի որ Զապէլ թագաւորութեան տէր հռչակուած էր, հնար չէր որ իրեն թագաւոր հռչակուելուն կերպը գտնէր, ուստի պարտաւորուեցաւ այդ անունը իր զաւակներուն մէկուն վրայ անցընել: Ռուբինեանց շառաւիղէն արական սերունդին Ռուբէն-Ռեմունդով վերջանալէն ետքը 1097), ինքն Կոստանդին մերձաւոր ժառանգ կրնար սեպուիլ Լեւոնին մօրեղբօրորդին ըլլալով 1096): Կոստանդին խնամակալ պատեհը հասած կարծեց իր միտքը իրագործելու, եւ նախապէս հաւանեցոյց զկաթողիկոսն, որ հարկաւ պիտի օգնէր բարեկամին, որ իր բարձրանալուն օգնած էր, եւ երկուքը իրարու մտերիմ էին: Երկու Կոստանդիններ հաւանեցուցին զայլս ոմանս ի մեծամեծոցն (ԿԻՐ. 95), որոնք փորձով տեսած էին օտարազգիի երեսէն յառաջ եկած վատ հետեւանքները: Կոստանդինի զաւակները բազմաթիւ էին, բայց ընտրութիւնը պզտիկին վրայ կայացաւ, հաւանաբար Զապէլի հետ տարիքի համաձայնութիւնն ալ նկատի առնելով: Այսպէս Զապէլի փեսացու եւ Հայոց թագաւորացու հռչակուեցաւ Հեթում, հազիւ երկու տարի հարսնացուէն մեծ, որ 11 տարեկան եղած էր, եւ անոր հետ վեցերորդ աստիճանի ազգակից: Հեթում նկարագրուած է իբրեւ մեծահոգի եւ հանճարեղ պատանեակ, անձնեայ եւ թիկնեղ, եւ գեղեցկադիտակ երիտասարդ (ՎԱՐ. 141), մանուկ տիօք, բայց առոյգ մարմնով եւ գեղեցիկ տեսանելով (ԿԻՐ. 95): Պսակադրութեան եւ թագադրութեան կրկնակ հանդէսները փառաւորապէս կատարուեցան Տարսոնի մէջ, ուր ժողովեցան տէր Կոստանդին կաթողիկոս եւ եպիսկոպոսք եւ իշխանք, 1226 թուականին (ՍՄԲ. 121), Հոգեգալստեան տօնին (ՍԻՍ. 528), որ այն տարի կ՚իյնար յունիս 7-ին: Կոստանդին կաթողիկոս անձամբ հանդիսագիր եղաւ բարեգուշակ արարողութեան, որ եղեւ ուրախութիւն Հայոց (ՍՄԲ. 121), զի վերջապէս թագաւորական ազգատոհմին կանոնաւոր ձեւ մը կը տրուէր, այն ալ ազգային շրջանակի մէջ, եւ պահելով միշտ Կոստանդին խնամակալին պետական գործունէութիւնը, որ երբ խնամակալ ըլլալէ կը դադրէր, թագաւորահայր կը դառնար, եւ իր որդւոյն ու հարսին հովանաւորն ու առաջնորդը կը մնար: Իսկ հանդէսին Տարսոնի եւ ոչ Սիսի մէջ կատարուիլը, հետեւանք պիտի ըլլայ համախմբութեանց յարմարագոյն կեդրոն մը ըլլալուն, թող որ, եթէ ոչ պաշտօնական գոնէ բարոյական եւ նախնական մայրաքաղաք էր Տարսոն` Կիլիկիայի համար:

1106. ԱՌԱՋԻՆ ՋԱՆՔԵՐ

Հեթումի թագաւորութեամբը նոր դիրք մը կը ստեղծուէր Սիսի արքունիքին մէջ, ուր յանկարծ բազմաթիւ արքայազուններ երեւան կու գային, որոնք իրենց աստիճանին համեմատ դիրքեր ալ պիտի ունենային: Կոստանդինի զաւակներէն Սմբատ սպարապետ անուանուեցաւ, Գունտստապլ պատուանունով որ է նոյն ինքն Սմբատ պատմիչը. Բարսեղ` որ եկեղեցականութեան մտած էր, Դրազարկի առաջնորդ եւ Սիսի արքեպիսկոպոս եղաւ. Լեւոն` իշխանաց իշխան կամ մարաջախտ պատուանունով արքունեաց հազարապետ նշանակուեցաւ եւ Օշին` պայլ պատուանունով Կոռիկոսի իշխան եւ տէր եղաւ: Ուրիշ աւելի պզտիկ զաւակներ ալ ունեցած է Կոստանդին, որոնք ժամանակին պատշաճաւոր պաշտօններ ունեցան: Իսկ ինքն Կոստանդին իբրեւ թագաւորահայր, զամենայն հոգս արքայութեան յանձն առեալ իմաստնաբար կարգաւորէր, եւ ընդհանուր համաձայնութիւն հաստատելու կ՚աշխատէր, զկէսն հնազանդէր սիրով, եւ եթէ սիրով համաձայնութեան չեկողներ ըլլային` զոչ հնազանդսն բառնայր ի միջոյ, զոմանս փախստական առնելով, եւ զայլս մահուամբ (ԿԻՐ. 95), որով ի հարկին խստութիւնն ալ ձեռք առնելէ չէր քաշուեր: Եկեղեցական դասակարգին համակրութիւնն ալ շահելու համար, զամենայն վանօրայս երկրին անհոգ առնէր յամենայն մարմնական պիտոյից, եւ ինքն տայր նոցա զմարմնաւոր պէտս նոցա, որպէսզի նոքա միայն աղօթից եւ պաշտաման պարապեսցին (ԿԻՐ. 95), զանց չընելով հարկաւ ուսումնական աշխատութիւնները, որոնք այդ միջոցին ալ ծաղկեալ վիճակ ունեցան, ինչպէս ունէին նախորդ կաթողիկոսներուն օրով: Կոստանդին թագաւորահօր օրով Կիլիկիոյ հայաբնակութիւնն ալ երթալով շատցաւ, եւ լցաւ երկիրն բազմութեամբ մարդկան` անարուեստից եւ արուեստից եւ արուեստաւորաց, որոնք Հայաստանի ներքին գաւառներէն դէպ Արեւմուտք խուժեցին, փախուցեալք յաւերմանէ Թաթարին (ԿԻՐ. 95): Աշխատեցաւ սիրալիր յարաբերութիւններ հաստատել Իկոնիոնի դրացի սուլտանին հետ, որ այն ատեն Ալլաէտտին Քէյքոպատն էր, 1219-ին գահ բարձրացած: Հայոց թագաւորութեան նախահաստատ ձեւին համեմատ 1055), նոր թագաւորը պէտք էր իր յարգանքները ընծայէր հռոմէական գերիշխանութեան, եւ Կոստանդին զանց չըրաւ զայն կատարել, եւ եդին մեծ սէր ընդ Հռոմայ պապն եւ ընդ Ալամանց օնբրունն (ՍՄԲ. 121): Կը յիշուի գիր մըն ալ 1226 յուլիս 29-ին գրուած, որով Հոնորիոս Գ կրկին կը դառնայ լատին եպիսկոպոսներու վտարման վրայ եւ անոնց տեղերնին դառնալը կը խնդրէ Կոստանդին թագաւորահօրէն (ՍԻՍ. 553): Մէկ խօսքով Կոստանդին թագաւորահայր մանուկ թագաւորին առաջնորդելով, Կիլիկիոյ մէջ բարեկեցիկ եւ խաղաղական կացութիւն մը կը ջանար հաստատել, եւ գոհացուցիչ կերպով ալ կը յաջողէր:

1107. ԶԱՊԷԼԻ ԸՆԹԱՑՔԸ

Ընտանեկան միջադէպ մը` պահ մը խանգարեց միտքերու հանդարտութիւնը, եւ զբաղեցուց Կոստանդին թագաւորահայրն ալ: Զապէլ արդէն 12 տարեկան եղած, բայց տարիքին պահանջէն աւելի ընտանեկան եւ քաղաքական գործերու փորձառու դարձած, սկսաւ դժգոհութիւն յայտնել Հեթումի կենակցութենէն: Ըսենք որ նախնական զգացումով ու սրտով յարում մը կապած էր Փիլիպպոսին, ըսենք որ խռոված էր բռնի կերպով անկէ բաժնուելէն, կամ թէ վշտացած էր անոր տառապագին վախճանին վրայ, ըսենք ալ թէ պատմիչին ակնարկածին համեմատ մայր նորա ֆրանկ էր ազգաւ (ԿԻՐ. 95), կամ թէ Սիպիլ Լուսինեան 1088) Լատինաց հակամէտ եւ Հայերուն հակակիր զգացումներ կը թելադրէր իր աղջկան` քանի որ Լատիններուն շահերը վնասուած կը տեսնէր, վերջապէս ինչ ալ ըլլայ պատճառը, Զապէլ եղանակը գտաւ եւ յանկարծ արքունիքը թողլով, ու մայրը տեսնելու պատրուակով Իսաւարիոյ Սելեւկիա քաղաքը գնաց, ուր կը գտնուէր Սիպիլ այն միջոցին, իսկ Սելեւկիա` Հիւրընկալ լատին ասպետներուն իշխանութեան ներքեւ կը գտնուէր: Սմբատ ալ Զապէլի հեռանալուն պատճառը կը հասկըցնէ ըսելով, թէ շարժեցաւ դիւական բարկութիւն ի թագուհին Զապէլ, եւ խռովեցաւ ընդ թագաւորն եւ ընդ ամէն Հայք (ԿԻՐ. 121): Կիրակոս եղելութիւնը շփոթ կերպով մը կը յիշէ, թէ թագուհին ոչ հաւանէր լինել կին մանկան Հեթումի (ԿԻՐ. 95), ուսկից ոմանք հետեւցուցին իբր թէ Զապէլի ամուսնութենէ առաջ տեղի ունեցած ըլլայ Սելեւկիա փախչիլը (ՉԱՄ. Գ. 194) սակայն Սմբատ, որ Զապէլի տագրն ալ է, շատ յստակ կերպով կը շեշտէ ամուսնութենէ ետքը հեռացած ըլլալը: Խաղաղական բանակցութիւններ արդիւնք չունեցան, մայրը չուզեց աղջիկը ղրկել, ասպետներ ալ չքմեղանքներ յառաջ բերին թէ չեն կրնար բռնադատել եւ իրենց ապաստանած մէկը իր կամքին հակառակ յանձնել: Պարոն Կոստանդին պարտաւորուեցաւ բռնի միջոցներու դիմել, ժողովեց հեծեալ եւ գնաց իջաւ առաջի Սելեւկիոյ: Ասպետներ, որ բերդը Լեւոնէն պարգեւ ստացած էին, եւ զայն պահպանելու համար կու վախէին ի յԱլատին սուլտանէն, եւ Հայոց պաշտպանութեան պէտք ունէին, թէ' Զապէլը յանձնած եւ թէ' Հայոց ընդդիմացած չըլլալու համար, առաջարկեցին որ իրենք բերդէն ելնեն, եւ Կոստանդին ինքն մտնէ ու առնէ զբերդն ու զինքն, եւ իրօք ալ Հայեր այս կերպով առին զՍելեւկիա եւ զթագուհին (ՍՄԲ. 122): Բայց երբ Հայեր մեկնեցան, Հիւրընկալ ասպետներ նորէն իրենց բերդը մտան եւ իբր թէ այս կերպով ապաստանի իրաւունքը ոտնակոխ ըրած չեղան: Չենք գիտեր թէ Կոստանդին կաթողիկոս ինչ դեր վարեց Զապէլի հանդէպ, որ եկեղեցականապէս ամուսնութեան, եւ քաղաքականապէս թագաւորութեան համար վտանգաւոր միջադէպ մը կը ստեղծէր: Կը սիրենք ենթադրել, որ իր հայրական եւ հայրապետական խրատները ազդեցին վերջապէս Զապէլի վրայ, որ այսուհետեւ օրինակելի ամուսնոյ տիպար մը եղաւ, եւ ընտանեկան երջանկութեան հեղինակ եղաւ Հայոց արքունիքին, եւ հետզհետէ երեք մանչ, Լեւոն եւ Թորոս եւ Ռուբէն, եւ հինգ աղջիկ` Իզապէլ, Մարիամ, Ռիթա, Սիպիլ եւ Ֆիմի, զաւակներ տուաւ Հեթումի (ՎԱՀ. 219), որոնց առաջինը, թագաժառանգ Լեւոնը, ծնաւ 1236-ին, Զապէլի 20 տարեկան ըլլալէն ետքը:

1108. ԶԱՊԷԼԻ ՆԿԱՐԱԳԻՐԸ

Զապէլի նկարագիրը բարեպաշտ եւ բարեգործ եւ բարեսէր կնոջ տիպար կը կազմէ անկասկած, եւ պատմութիւնն ալ մեզ զայն ոչ միայն սրբակեաց, այլ եւ կատարելապէս սուրբ անձի մը պէս կը ներկայացնէ, շարունակ պատմելով անոր գթասիրտ բարութիւնը, կարօտներու եւ հիւանդներու ցուցուցած խնամքը, եւ անբասիր եւ անբիծ կեանքը: Սակայն ասոնք կատարեալ հասակի մէջ իր գործին տէր եղող կնոջ մը ձիրքերն եղան, որոնք չեն եղծուիր տասնամեայ աղջկան մը թեթեւութիւններով: Ոմանք Զապէլի անունին ստուերած չբերելու միտքով ենթադրեցին, թէ երբ Հեթումի կենակցութենէն կը խուսափէր, խորհէր կրօնաւորիլ ի վանս կուսանաց (ՉԱՄ. Գ. 194), որ հիներէն պատմուած չէ, եւ եթէ այս եղած ըլլար պատճառը, հարկաւ Սմբատ պիտի չկարնեար գրել թէ շարժեցաւ դիւական բարկութիւն ի թագուհին Զապէլ (ՍՄԲ. 121), եւ սատանայական անուանել կրօնաւորելու նպատակը, քանի որ յայտնի են Սմբատի ալ բարեպաշտական զգացումները: Պատմութեան ընթացքին մէջ այլեւս Զապէլի պետական կամ ազգային գործունէութենէն յիշատակ չունինք. մինչ անոր մանկութիւնը սերտ կերպով կապուած տեսանք քաղաքական գործողութեանց հետ: Իր անունը հռչակաւոր ընողը Սիսի հիւանդանոցն է, զոր ոչ միայն ինքն կառուցանել տուաւ, ինչպէս արձանագրութիւնը կը վկայէ (ՍԻՍ. 539), այլ եւ անոր հոգաբարձուն եւ մատակարարը եղաւ, արքունական միջոցներով զայն պահպանեց ու հարստացուց, եւ ինքն անձամբ անոր մէջ աշխատեցաւ, ու իբր հասարակ հիւանդապահ կին մը ախտացելոց ծառայութիւնները կատարեց, զուարթառատ ողորմութեան եւ գթասիրտ առաքինութեան օրինակը տալով ամէնուն, մինչեւ իր կեանքին վերջը, որ երկար չեղաւ, զի 37 տարեկան վախճանեցաւ 1252-ին, եւ Յայսմաւուրքը սրբուհւոյ յիշատակի պէս կ՚արձանագրէ անոր անունը յունուար 22-ին (ՅԱՍ. Ա. 42): Կոստանդին կաթողիկոս գլուխ կանգնեցաւ փառաւոր յուղարկաւորութեան, որ տեղի ունեցաւ ընդհանուր սուգի արտայայտութեանց մէջ, եւ մարմինը ամփոփուեցաւ Դրազարկի վանքը, Ռուբինեանց հարստութեան արքայազուններուն գերեզմանատեղին: Չէ յիշուած հիւանդութեան անունը, որ այսպէս վաղաժամ կը խլէր ամէնուն սիրելի անձ մը իրեններուն գիրկէն, եւ աւելորդ կը սեպենք մակաբերութեանց մէջ ընկղմիլ: Ուզեցինք այստեղ վերջացնել Զապէլի մասին ըսուելիքը, պատմութիւնը ընդհատելով չվերադառնալու համար:

1109. ԼԱՄԲՐՈՆԱՑՒՈՅ ԽԼՐՏՈՒՄԸ

Հեթումի թագաւորութեան եւ Կոստանդինի կաթողիկոսութեան առաջին ժամանակները ընդհանրապէս խաղաղութեան միջոց մը կրնան նկատուիլ, հետեւանք այն հաշտարար յարաբերութեանց, զորս Կոստանդին թագաւորահայր ջանաց հաստատել բոլոր պետութեանց հետ: Մինչեւ իսկ ոմանք Պաղտատի ամիրապետ Տահերի կամ Թահիրի հետ դաշնադրութեան` եւ Հեթումի ամիրապետին երթալուն խօսքը կ՚ըսէն (ՍԻՍ. 553), սակայն ոչ պատմական պարագաներ այդ յարաբերութիւնը կ՚արդարացնեն, եւ ոչ Հեթում 1226 թուականին այդպիսի ծանր եւ հեռաւոր գործն ու տարիքն ունէր: Հանդարտութիւնը կը նպաստէր ներքին գործերու զարկ տալ, ինչպէս էին Սիսի Ս. Սոփիա եկեղեցւոյն շինութիւնը, Սիսի եւ Տարսոնի պարիսպներուն նորոգութիւնը, առեւտրական յարաբերութեանց զարգացումը, Եւրոպացւոց` եւ յատկապէս Գենուացւոց եւ Վենետկեցւոց հետ վաճառականական դաշնագրութիւնները եւ յատուկ շնորհումները, եւ ասպետական կարգերուն նպաստաւոր բարեկամութիւնը ու մասնաւոր պարգեւները: Եթէ քիչ մը շփոթութիւններ ծագեցան, անոնք ալ տեղի ունեցան` Լամբրոնի իշխան Կոստանդինի երեսէն, որ Հեթում-Հեղիի որդին էր եւ թագաւորահօր աներձագը: Թագաւորահայրը ուզած էր իր դիրքը զօրացնել, եւ որպէսզի յաջողի Լամբրոնացին ալ թիկունս օգնականութեան իր առնել, տուած էր անոր զԼամբրոնն, զսեփականն իւրեանց, զոր Լեւոն թագաւոր գրաւած էր, եւ նորէն չվերադարձնելը պայմանադրած 1069): Այլեւ իր աներձագին գերագոյն պատիւ մըն ալ շնորհած էր, ընելով զայն թագադիր որդւոյ իւրոյ Հեթումի: Բայց կարծես թէ ըմբոստութիւնը ժառանգական էր Լամբրոնացւոց տոհմին, եւ այդչափ բարիքներէն ետքն ալ Կոստանդին Լամբրոնացին ըստ հայրենի սովորութեանց իւրեանց, ինչպէս յատկապէս կը շեշտէ պատմիչը, ապստամբեաց ի քուէրորդւոյ իւրոյ յարքայէ Հեթմոյ. եւ Հայոց թագաւորութեան դէմ ձեռն ետ ի սուլտանն Հոռոմոց կամ Իկոնիոնի: Բնական էր, որ ցորչափ կայր նա ապստամբ (ԿԻՐ. 157), թագաւորն ու թագաւորահայրը չկարենային սէր եւ խանդաղատանք ցուցնել անոր, իսկ սա իբր անիրաւեալ մինչեւ պապին բողոքներ կը սկսէր բարձրացնել, որով Գրիգոր Թ, որ 1227-ին Հոնորիոս Գ-ի յաջորդած էր, 1237 յունուար 19-ին, Հայոց թագաւորին եւ անոր հօրը գրելով կը յանձնարարէր Կոստանդին Լամբրոնացին չնեղել, որ ինքզինքը ըստ ամենայն Հռոմի հնազանդ կը ձեւացնէր (ՍԻՍ. 554):

1110. ԱԹՈՌԱԿԱՆ ԽՆԴԻՐԸ

Նոր խաչակրութիւն մը, որ է վեցերորդը, Ասորիք եկած էր 1228-ին, Գրիգոր Թ պապին յորդորանօք եւ Փրեգերիկոս Բ Գերմանիոյ կայսեր առաջնորդութեամբ: Մէլիք-էլ-Քեամիլ, որ է Մելետին, Եգիպտոսի սուլտանը, անոր օգնականութեան դիմեց իր եղբայրներուն ապստամբութիւնը զսպելու, բայց վերջէն պարտաւորուեցաւ կայսեր ձեռքէն ազատելու համար` Երուսաղէմը անոր յանձնել, որ 1229-էն նորէն քրիստոնէից իշխանութեան ներքեւ անցաւ առանց պատերազմի, եւ 12 տարի մնաց, մինչեւ որ 1241-ին նորէն Եգիպտացիներէն գրաւուեցաւ Մէլիք-էլ-Սալէմ սուլտանին ձեռքով: Քրիստոնէից տիրապետութեան պարագայէն օգտուելով Կոստանդին կաթողիկոս փափաքեցաւ այցելութիւն մը ընել Երուսաղէմ, զոր եւ կատարեց 1238-ին, Ասորւոց կաթողիկոսին ընկերակցութեամբ (ՍԻՍ. 554), ինչ որ առիթ ընծայեց Լատինաց հետ բարեկամական յարաբերութիւնները յաճախելու: Այդ պարագայն, եւ Երուսաղէմի գրաւումով Լատիններուն խրոխտանքին աւելնալը, նորէն քաջալերեցին Անտիոքի Լատին պատրիարքներուն յաւակնութիւնը Հայոց կաթողիկոսութեան վրայ, պահանջելով որ անիկայ իրենց հպատակի, քանի որ բովանդակ ազգն Հայոց բնակէր ի մէջ պատրիարքութեան նորա, կամ լատիներէնին աւելի հաւատարիմ թարգմանութեամբ, բովանդակ Հայաստան պարունակեալ էր ի պատրիարքութեան Անտիոքայ (ԿԱԼ. 374): Ասիկայ հին պահանջ մըն էր` Կիլիկիոյ գաւառներուն Անտիոքայ աթոռին հպատակ մետրապոլտութիւններ ըլլալէն, յունական նուիրապետութեան համեմատ: Անտիոքի պատրիարքին բողոքը կանոնական եւ իրաւացի դատուեցաւ Գրիգոր Թ պապէն անպատշաճ լինելով գոլ զերկու գլուխս ի մէջ միոյ պատրիարքութեան, ուստի 1238 յունիս 26-ին գրութեամբ պաշտօն յանձնեց երկու եպիսկոպոսներու գնալ եւ բերանով խրատել զգուշութեամբ զայն կաթողիկոսն, զի ըստ պարտի իւրում խոնարհաբար հնազանդեսցի Անտիոքայ պատրիարքին (ԿԱԼ. 374), որով Հայոց հայրապետութիւնը մետրապոլտութեան իջած պիտի ըլլար: Եպիսկոպոսներուն եկած ըլլալը եւ ինչ խօսած ըլլալը չենք գիտեր, միայն Գրիգորի նամակներուն մէջ կը գտնուի 1239 մարտ 1-ին գրուած ուրիշ գիր մը, որով կը զիջանի թագաւորին եւ թագուհիին միջնորդութեան, եւ կը հաստատէ զայսպիսի հաւանական սովորութիւնն, զորս ներկայած են Հայերը իրենց պաշտպանութեան համար: Նոյն գիրով կ՚ընդունի, թէ այսպիսի սովորութիւնները են պահեալ անշարժապէս եւ աւանդեալ մինչեւ ի ժամանակէ սրբոյ նախնոյն մերոյ Սեղբեստրոսի պապին, եւ սրբոյն Գրիգորի` ժամանակակից նորա եւ Հայաստանեայց հայրապետին (ԿԱԼ. 375): Այդ վերջին ակնարկը ուղղակի մեզ կը տանի հռչակաւոր Դաշանց Թուղթին ծագումին, եւ իբր փաստ կը ծառայէ անոր յօրինուածին ժամանակն ու նպատակը ճշդելու 176): Կոստանդին կաթողիկոս, Հեթում թագաւոր եւ Կոստանդին թագաւորահայր, որչափ ալ իրենց ազգը սիրող ու եկեղեցին պաշտպանող, սակայն չունէին այն կորովը զոր պատշաճ պարագաներուն ցուցուցին Յովհաննէս կաթողիկոս եւ Լեւոն թագաւոր, ուստի Հայկական եկեղեցին Անտիոքի իրաւասութենէ ազատ պահելու համար ուզեցին օգտուիլ այն անորոշ աւանդութենէն, որով Լուսաւորչին Հռոմ գացած ըլլալը կը պատմուէր, եւ այս հիմամբ կազմեցին պապական շնորհման մը պաշտօնագիրը, առանց զգուշանալու իսկ որ գոնէ հին լեզուի ոճը պահէին, եւ չգործածէին լեզու մը, որ կատարելապէս Սմբատ պատմագիրին ռամկօրէնը կը շօշափէ: Այդ առթիւ Անտիոքի պատրիարքէն ալ բարձր դիրք մը գրաւելու համար, ոչ միայն գրեցին թէ Հայոց կաթողիկոսներ ինքնագլուխ եղիցին, այլ եւ թէ պատրիարքն երեքին, Երուսաղէմի եւ Անտիոքայ եւ Աղեքսանդրիոյ, յորժամ պատրիարք ձեռնադրին, կամաւ եւ ընտրութեամբ Հայոց հայրապետին լիցի (ԴԱՇ. 25): Պէտք է ըսել, որ եթէ Կոստանդիններ կորով ունեցած չեն բացէն դիմադրելու, ճարտար եղած են Հռոմի ոգին ճանչնալու, որ միշտ դիւրահաւան եղած է իրեն անձնասիրութիւնը փայփայող բաղբաղաներու հաւատալու:

1111. ՅՈՅՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

Գրիգոր Թ. պապը, այնչափ գոհ մնացած է, որ Հայեր Հռոմի շնորհման փաստով կը պաշտպանեն իրենց եկեղեցւոյն անկախութիւնը, եւ զինքն ալ կ՚ազատեն անելանելի եւ դժուարին պարագայէ մը, յոր բռնուած էր Անտիոքի Լատին պատրիարքին անխորհուրդ յաւակնութեամբ, որ Հայոց առաջարկը ընդունելէն զատ, Կոստանդին կաթողիկոսին նուէր կը ղրկէր պալիում կոչուած լատին եմիփորոնը, խոյր, ուրար ու մատանի առ ի նշան իր առաքելական սիրոյն (ԿԱԼ. 376), եւ բոլոր հայ հաւատացելոց ալ մեղաց թողութիւն կը շնորհէր, ընդարձակ եւ ընդհանուր կերպով, երբ քաջութեամբ վախճանէին ի պատերազմ զինելով ընդդէմ Սարակենոսաց (ԿԱԼ. 357): Թէպէտեւ նոյն միջոցին նոր խաչակրութիւն մը կազմելու խօսքեր չկային, սակայն միշտ քրիստոնէից վիճակը պաշտպանութեան կը կարօտէր Արեւելքի մէջ, եւ Երուսաղէմի վերանորոգեալ թագաւորութիւնը շարունակ յարձակմանց ենթակայ էր, եւ պապեր ու Լատիններ կը ջանային Հայերու օգնութեամբ իրենցները պաշտպանել: Այս միջադէպներէն ետքը միջոց մը նորէն կը դադրին Լատիններու հետ յարաբերութեանց պարագաներ, եւ այդ դադարը առիթ կ՚ընծայէ յոյներուն, որ կը սկսին փորձ փորձել Հայերը իրենց կողմը ձգելու, թէ իրենք զօրանալու, եւ թէ Լատինները տկարացնելու դիտմամբ: Երբ Կոստանդնուպոլիս Լատին կայսրութիւն եղաւ 1204-ին 1068), թէպէտ Յոյները տկարացան, բայց իրենց դիրքը բոլորովին չկորսնցուցին, եւ քիչ ետքը 1206-ին Թէոդորոս Լասկարիս մնացեալ զօրութիւնները ամփոփելով եւ կարգադրելով յունական կայսրութեան շարունակութիւնը հռչակեց Նիկիոյ մէջ, ուր 1222-ին իրեն յաջորդեց Յովհաննէս Վադակէս, որ հետզհետէ զօրացուց իր իշխանութիւնը, Փոքր Ասիան նուաճեց, Թեսադիոյ ալ տիրեց, եւ Լատինները Բիւզանդիոնի մէջ փակեց, եւ քանիցս զայն գրաւելու ալ պատերազմներ բացաւ: Վադակէսի հետ նոյն տարին եւ Նիկիոյ մէջ` պատրիարքական աթոռը բարձրացած էր Գերմանոս Բ, որ կատարեալ գործակից մըն էր անոր իր ձեռնարկներուն մէջ: Այս եղելութեանց հետեւանքն էր Գերմանոսի Հայերուն մօտենալը, եւ անոնց հետ միաբանական բանակցութեանց մտնելը (ՍԻՍ. 554), որոնք աւելի քաղաքական նպատակ ունէին, եւ եկեղեցական ձեւը` քաղաքականին հասնելու միջոցն էր միայն: Հայերուն յոյներուն հետ բանակցութեանց սկսելը նշան է այն անտարբեր ըմբռնումին, զոր հայեր ունեցան եւ ունէին միշտ իրենց միաբանական ձգտումներուն մէջ, պարզապէս զօրաւոր քրիստոնեայ նեցուկ մը գտնելու դիտումով, եւ ոչ թէ միոյն կամ միւսին ճշմարիտ ուղղափառութիւնը ճանչնալով: Բայց Յոյներու հետ այս անգամ շատ առջեւ չգացին, վասնզի դեռ զօրաւոր չէր անոնց դիրքը, քանի որ Կոստանդնուպոլիսէ դուրս կը մնային, եւ Վադակէսի բոլոր ձեռնարկներն ալ յաջողութեամբ պսակուած չէին, իսկ Եւրոպան ու Լատիններ շատ աւելի զօրաւոր կ՚երեւային Յոյներու բաղդատմամբ: Լատիններու աչքին Հայերը գնահատելի ոյժ մը եւ կարեւոր օգնութիւն մըն էին, ուսկից զրկուիլ չէին ուզեր, եւ իրօք ալ այլազգիներէ յաղթուած եւ պատերազմէ ազատած գունդերու մնացորդներ իրենց ապաստանի տեղ կը գտնէին Կիլիկիոյ, կամ ինչպէս իրենք կ՚ըսէին Փոքր Հայոց թագաւորութեան մօտ, եւ նոյնիսկ Լատինաց ասպետական կարգերը Հայոց հովանաւորութիւնը կը խնդրէին (ՍԻՍ. 533):

1112. ԲԵԼԼՈՎԱԿԵՑԻԻ ԳՐԱԾՆԵՐԸ

Այստեղ իբր հետաքրքրական ինչ կ՚ուզենք յառաջ բերել ինչ որ Վինկենտիոս Բելլովակեցին գրած է Հայոց եկեղեցւոյն վարդապետութեանց վրայ: Բելլովակիա (Beauvais) Գաղղիոյ քաղաքներէն է, եւ Վինկենտիոս` ԺԳ դարու Լատին մատենագիրներէն է, որ Հայելի մեծ անունով, եւ Հայելի բնական, Հայելի վարդապետական, Հայելի բարոյական եւ Հայելի պատմական բաժիններով աշխատութիւն մըն ալ ունի, ուր հաւաքած է իր դարուն տեղեկութիւնները: Առանց ուզելու Բելլովակեցիին գրական արժէքը քննել, Հայերուն վրայ գրածները բաւական են ցուցնել, թէ ինչպէս անհիմն եւ խառնակ զրոյցներու վրայ հիմնուած են իրեն տուած տեղեկութիւնները: Բելլովակեցիին կարծիքով թէպէտ Հայեր բաւական մոլորութիւններ ուղղած են Նիկոն Պոնտացիի քարոզութեամբ 817), եւ պապերու խրատիչ նամակներով, բայց տակաւին շատ մոլորութիւններ ունին, եւ այս պատճառով հանապազ եւ յիւրաքանչիւր ժամանակի խրատեցան յԱստուծոյ զանազան չարչարանօք (ԿԱԼ. 370): Ապա Հայերուն կարծեցեալ մոլորութիւնները համրելով կը յիշէ, թէ Աւագ շաբաթ երեկոյին հաւկիթ եւ պանիր կ՚ուտեն, թէ Զատիկէն ետքը մինչեւ Պենտեկոստէ եղող ուրբաթները միս կ՚ուտեն, թէ Ծնունդի օրը չեն գիտեր, թէ սրբոց տօներ չեն ըներ, թէ առաքելոց պահքերը չեն բռներ, թէ եղանակաց պահքեր չունին, թէ մեծ պահքին մէջ չեն պատարագեր, թէ Սուրբ Արեան անունով` խիստ եւ ծոմաջան շաբաթապահք մը ունին` որով Առաջաւորին կ՚ակնարկէ, թէ պահք օրեր ձէթ ու ձուկ ուտելը ու գինի խմելը պոռնկութենէ ծանր մեղք կ՚ըմբռնեն, թէ երկամսեայ տղայոց հաղորդ կու տան, թէ բաժակին ջուր չեն խառներ, թէ կենդանիներու մէջէն պիղծեր կը զատեն, թէ ապակեղէն եւ փայտեղէն սկիհ կը գործածեն, թէ առանց քահանայական զգեստի կամ լոկ ուրարով կը պատարագեն, թէ շաբաթ ու կիրակի` սրբոց տօն չեն տօներ, թէ հանդերձեալին մէջ մաքրարանի վարդապետութիւնը չեն ընդունիր, թէ եպիսկոպոսներ պոռնկութեան պատճառով ամուսնալուծում կը վճռեն, թէ եկեղեցականներ արբեցութեան ու վաշխառութեան ու սիմոնականութեան ու հմայողութեան կը հետեւին, թէ այրի երէցկինը կրկին չեն ամուսնացեր, եւ թէ երկու բնութեանց վարդապետութիւնը չեն ընդունիր (ԿԱԼ. 372): Բելլովակեցիին յառաջ բերած խառնուրդը, զտելու եւ բացատրելու իսկ պէտք չենք տեսնար, զի ոմանք սխալ տեղեկութիւններ են, ուրիշներ թիւրիմաց մեկնութիւններ, եւ շատեր լատինամոլ միտքի արտադրութիւն, որ մոլորութիւն կը կարծէ ամէն ծէս ու սովորութիւն, որ լատինականին համաձայն չէ: Սակայն պէտք չէ այդ խառնակ ծանօթութեանց վրայ զարմանալ, քանի որ միւս կողմէն կը տեսնենք, որ Լեւոն թագաւորը տակաւին կենդանի կը կարծէ 1239-ին (ԿԱԼ. 377), եւ մինչեւ 1242 կը յետաձգէ անոր մահը (ԿԱԼ. 376), եւ Լեւոնը Հայոց իշխանութեան յափշտակիչ կը նկարագրէ, եւ թագաւորութեան սկզբնաւորութիւնը 1242-ին կը դնէ (ԿԱԼ. 377), եւ Կոստանդին թագաւորահայրը` 72 Հայ իշխաններ մեռցնելով իր որդին Լեւոնի աղջկան ամուսնացուցած կ՚ըսէ (ԿԱԼ. 378): Երբոր արտաքին եղելութիւններն ալ այդպէս կը ծամածռէ, պէտք չէ շատ տեսնալ` ինչ որ Հայերուն կարծեցեալ մոլորութեանց մասին կը գրէ:

1113. ԹԱԹԱՐԱԿԱՆ ԱՐՇԱՒԱՆՔՆԵՐ

Թաթարներու յարձակումները, կամ լաւ եւս հրոսակները, որոնց սկզբնաւորութիւնը պատմեցինք 1103), պահ մը դադար առած էին Ճինկիզի իր երկիրը դառնալով, ուր 1227-ին մեռաւ, եւ իրեն յաջորդեց որդին Ուխաթա (ԿԻՐ. 122), որ 5 տարի հանդարտ մնաց, եւ ներքին երկիրներով զբաղեցաւ, եւ միայն 1232-ին, մտածեց դէպ Ասիոյ արեւմուտքը արշաւել, 15 ճիւղերու բաժնելով իր անթիւ բանակը, որոնց պետերն էին Բինալ եւ Մուլար զօրավարներ, նուին աստիճանով, իբր օգնականներ Չարմաղանի, զոր ընդհանուր հրամանատար նշանակեց: Մուզանի ընդարձակ դաշտը, որ Կասպից ծովին արեւմուտքը կը մնայ, եւ Կովկաս լեռներէն մինչեւ Ատրպատական կը տարածուի, եւ մեղմ օդովը, յուռթի արօտներովը ու առատ փայտովն ու ջրովը հանգիստ ձմերոց կը կազմէ, Թաթարները զայն իրենց կեդրոն ընտրեցին, ուսկից կը խուժէին իւրաքանչիւր գարնան բացուելուն, եւ գերելով ու գերփելով, աւերելով ու աւարելով ձմեռը հանգիստ առնելու համար նոյն տեղը կը դառնային (ԿԻՐ. 123): Չմոռանանք, ու Թաթարներու արշաւանքները հիւսիսէն ալ Ռուսիա եւ Լեհաստան եւ Հունգարիա, եւ հարաւէն Հնդկաստան հասած էին (ՕՐԲ. Բ. 147), այլ մենք մեր նպատակէն կը հեռանայինք, եթէ միառմի ուզէինք յիշել նոյնիսկ Հայաստանի մէջ գործուած աւերները, զորս ընդարձակ կը պատմեն ականատեսներ Կիրակոս եւ Վարդան, եւ կը նկարագրեն Գանձակ (ԿԻՐ. 124), Շամքոր (ԿԻՐ. 125), Լօռի (ԿԻՐ. 135), Անի (ԿԻՐ. 138), ու Կարս (ԿԻՐ. 140) քաղաքներու կոտորածները ընդհանուր տեղեկութիւններ ալ տալով ամենուրեք կատարուած վայրագութեանց վրայ (ԿԻՐ. 125): Ուխաթա մեծ խանը 1241-ին մեռաւ, եւ անոր յաջորդեց Քիուք կամ Խայուխ, եւ անոր օրով Չարմաղան ալ համրացաւ եւ անկարացաւ, եւ 1242-ին իրեն յաջորդեց Բաչու (ԿԻՐ. 152), որ անդրագոյն եւս մղեց արշաւանքը, գրաւեց Կարինը, Երզընկան, Կեսարիան ու Սեբաստիան (ՎԱՐ. 147), որոնք Իկոնիոնի սուլտանութեան ներքեւ էին: Նոյնպէս կոտորեցին եւ գերեցին զայլ աշխարհս եւ զգաւառս, ուր մանաւանդ ազգ Հայոց վշտատեսաց բնակեալ էին, իսկ վիշտերը իրենց գագաթնակէտը հասան 1243-ին, զի համարագիր թուականին ՈՂԲ էր, եւ ըստ այն գործեցան արդիւնքն արժանաւոր ողբոց, կը գրէ Վարդան (ՎԱՐ. 147), որ Իկոնիոնի սուլտանութեան ներտառերուն իմաստ տալով:

1114. ՎԱՆԱԿԱՆԻ ԳԵՐՈՒԹԻՒՆԸ

Թէպէտ մասնաւոր դիպուած մը, բայց յիշատակեաց արժանի է Վանական վարդապետի գերութիւնը, որ այս շփոթութեանց միջոցին տեղի ունեցաւ, եւ զոր մանրամասնօրէն կը պատմէ Կիրակոս, գերութեան ընկերը (ԿԻՐ. 129-135): Յովհաննէս Տաւուշեցիէն տարբեր 1080), եւ աւելի ծանօթ Վանական մակդիր անունովը, 1841-ին ծնած է եւ Մխիթար Գօշի աշակերտած, եւ Մխիթարէն ետքը գլխաւոր եւ հռչակաւոր եղած է դարուս Հայ վարդապետներու մէջ: Երբոր ինքն գործի գլուխ եղաւ, Խորանաշատ վանքը հիմնեց ու պայծառացուց իր հայրենական Տավուշ գիւղին մօտ, Գանձակի գաւառին մէջ, եւ վերջէն աւելի ապահովութեան եւ առանձնութեան համար, անկէ քիչ հեռու Լօրուտ գիւղին բարձունքը քարաժայռերու մէջ եկեղեցի եւ վանք մըն ալ շինեց, եւ հաստատապէս հոն կը մնար, երբ Խորանաշատը Ճէլալէտտինի ասպատակէն վնասուեցաւ 1103): Երբոր Մուլար զօրավար 1113), այդ կողմերը հասաւ, եւ Վահրամ իշխան որդի Բլու Զաքարի եւ ազգական Օրբելեանց, որ գաւառին կ՚իշխէր, իր Աղբուզա որդւոյն հետ տեղի տուաւ, Լօրուտէ եւ Տաւուշէ եւ շրջակայ գիւղերէ բազմութիւն մը Վանականի լեռնային վանքը ապաւինեցաւ, սակայն վանքը բաւական չէր այդ բազմութիւնը ապրեցնել, եւ առանց ջուրի եւ առանց կերակուրի մերձ էին ի մեռանել: Պաշարող Թաթարներ բազմութիւնը կը հրաւիրէին անձնատուր ըլլալ, եւ ամէն դիւրութիւն կը խոստանային, եւ բազմութիւնն ալ վարդապետին կը թախանձէր, գնեա զարիւն մեր ամենեցուն, էջ առ նոսա, եւ արա սէր ընդ նոսա: Վանական վստահ չէր տրուած խոստումներուն անկեղծութեան, բայց յանձն առաւ երթալ, զանձն իմ ոչ խնայեցից վասն ձեր` յայտարարութեամբ, եւ Սոսթենէս ու Մարկոս աբեղաներուն հետ իջաւ Մուլարին մօտ, եւ օրը Վարդավառի տօն էր կ՚ըսէ պատմիչը, որ յուլիսի 27-ին եղած կ՚ըլլայ, եթէ 1242-ին դնենք պատահարը, ինչպէս ոմանք կը հաշուեն, այլ հաւանականագոյն է դնել 1236-ին Ուխաթայի օրով, քանի որ մահուընէ ամս հնգետասան յառաջ եղած կ՚ըսուի (ՎԱՐ. 146), եւ այդ հաշուով յուլիս 6-ին հանդիպած կ՚ըլլայ, եւ միշտ կ՚արդարանայ այդ առթիւ յիշուած սաստիկ տօթն: Երբոր զօրավարին ներկայացան ստիպեցին երկիրպագանել ի վերայ ծնգաց, իբրեւ ուղտուց ի ժամ գնելոյն: Զօրավարը շատ մը անոյշ խօսքերէ ետքը, կը հրամայէ որ լեռ ապաստանողներն իջնեն, եւ այնպէս ալ կ՚ընեն աբեղաներուն ձայնելուն վրայ, թէպէտեւ միշտ վախով եւ հաղորդուելով յառաջ քան զիջանելն: Իջնողներուն ջուր ու հաց կու տան, բայց պահպանութեան ներքեւ կը դնեն, միւս օր լերան վանքը կ՚ելլեն եւ կը թալնեն: Վանական վարդապետը, Մարկոս ու Սոսթենէս աբեղաները, Վանականի եղբօրորդին Պօղոս քահանան, Կիրակոս վարդապետ պատմիչը եւ ուրիշ շատեր որ կարող էին շրջել ընդ նոսա, գերի կը պահեն իրենց մօտ, իսկ մնացեալները իրենց տեղերը կը ղրկեն: Անհնարին նեղութեանց մատնուած էին գերի մնացողները, ամբողջ ամառը բանակին ետեւէն տարուելով, հետի եւ բոկոտն, եւ գանալից բռնադատուած, մինչ զի զփուշս անգամ ոչ կարէին հանել յոտիցն, եւ գիշերները նեղ նկուղներու մէջ խիստ պահպանութեան ներքեւ էին, այնպէս որ մինչեւ իսկ ոչ տային ումեք ելանել արտաքս ի պէտս կարեաց մարմնոյ: Այդ խումբին մէջէն ինքն Կիրակոս, եւ ընկերներէն ոմանք զատուած էին` Թաթարներուն իբր գրագիր ծառայելու, գրել թուղթ եւ ընթեռնուլ, բայց աւելի հանգիստ չէին վայելեր: Երբոր աշնան յառաջանալուն Թաթար գունդեր իրենց ձմերոցը դարձան, գերիներէն սկսան առ սակաւ սակաւ փախչիլ ի գիշերի, բայց երկու քահանաներ փախչելու ատեննին բռնուեցան, եւ ուրիշներուն աչքին առջեւ սպաննուեցան յերկիւղ եւ ի զարմացում, եւ մնացեալներուն առաջարկուեցաւ իրենց անձին փրկանքը վճարել, որ ազատին: Առանձինն Վանականի վրայ պնդեցին, կարծելով թէ հարուստ է, բայց նա պատասխանեց թէ ինչ ունէին արդէն առին, բաց յայնմանէ մեր այլ ինչ որ գոյ, եւ առաջարկեց որ շրջակայ քրիստոնեաներուն վաճառեն զիրենք. եւ այսպէս ալ ըրին, եւ քրիստոնեաներ Վանական վարդապետն ալ գնեցին ութսուն դահեկանի, բայց յազատութիւն եւ ոչ ի ծառայութիւն: Միայն Կիրակոսը պահեց զօրավարը` իբր զի գրագրութեան համար պիտանի էր, բայց նա ալ խնամօքն Աստուծոյ յաջողեցաւ գաղտագնաց լինել եւ զերծանիլ, եւ Գետիկ վանքը ապաւինեցաւ, թէպէտ աւերեալ էր ի նոցանէ եւ այրեալ (ԿԻՐ. 135): Ասկէ ետքն է որ Վանական վարդապետ նորէն Խորանաշատի մէջ հաստատուեցաւ, եւ իր ժամանակին պատմութիւնն ալ գրեց, որ դժբախտաբար մեզի հասած չէ, սակայն Վարդան (ՎԱՐ. 147) եւ Կիրակոս օգտուած են իրենց վարդապետին աշխատութենէն:

1115. ՀԵԹՈՒՄ ԵՒ ԹԱԹԱՐՆԵՐ

Թաթարական արշաւանքին վտանգը հետզհետէ Հայոց թագաւորութեան սահմանները կը մօտենար, եւ կորուստը ակներեւ էր, եթէ Իկոնիոնի սուլտանութիւնը իյնար: Ղիաէտտին Քէյխուսու սուլտանը, որ Ալայէտտին Քարքաւուզի յաջորդած էր 1237-ին, ուզեց գոնէ իր ընտանիքը ապահովել, ուստի սուլտանին մայրն էառ զիւր դուստրն եւ փախաւ ի Կիլիկիա (ՍՄԲ. 222), երբոր Բաչու Իկոնիոնի վրայ քալեց, եւ պարտեցաւ սուլտանն (ԿԻՐ. 156): Հայոց թագաւորն ու թագաւորահայրն բարեկամական յարաբերութիւններ ջանացին հաստատել Թաթարներու հետ, եւ Կոստանդին թագաւորահայր անձամբ Կեսարիա գնաց Թաթարներու հետ բանակցութիւնները վարելու, որոնց կողմէն Սիմէոնի Ասորի վարդապետը, Ռաբան Աթա կոչուած (ԿԻՐ. 150), դեսպան եկաւ Հեթումին: Այդ Սիմէոն յաջողեր էր մեծ խանին համակրութիւնը շահիլ, եւ անոր համոզել որ պէտք չէ կոտորել քրիստոնեաները, որ իրեն կը խոնարհին եւ կը հնազանդին եւ հարկ կը վճարեն, եւ խանն ալ նոյն ինքն Սիմէոնը միջնորդ կը գործածէր քրիստոնէից մօտ, այդ պայմանները գործադրելու համար (ԿԻՐ. 151): Լատիններն ալ կը յիշեն այդ միջոցին Յովհաննէս Կարպինեցի եպիսկոպոսին պապին կողմէն Թաթար զօրավարին մօտ գնալը, քրիստոնէից պաշտպանութիւնը խնդրելու համար: Ըստ այսմ Սիմէոն Հեթումի մօտ կու գար սովորական պաշտօնով, բայց Բաչու կը պահանջէր միանգամայն որ սուլտանին ընտանիքը իրեն յանձնուի, թէ չէ, կ՚ըսէր. քո ամէն սէրն, որ հետ մեզ դրիր, սուտ է (ՍՄԲ. 122): Ծանր եկաւ Հեթումի պահանջուած պայմանը, մինչեւ ըսել, թէ լաւ էր ինձ եթէ զորդին իմ զԼեւոն խնդրէին յինէն, քան թէ զնոսա, այլ հնար չեղաւ Բաչուի միտքը փոխել, եւ ոչ ալ հնար էր Թաթարներու զօրութեան դիմադրել, ուստի ակամայ կամաւ ետ ի ձեռս նոցա, զի մի մեծ չարեաց պատճառ լիցի: Հեթում զանց չըրաւ սովորական ընծաներն ալ, եւ փոխարէն Թաթարներ հաստատեցին սէր ընդ արքային Հայոց. ետուն եւ գիր ըստ դենին իւրեանց, զոր էլտամզայն կոչէին (ԿԻՐ. 156): Այս կերպով միայն կրցաւ Հեթում հեռացնել Կիլիկիոյ վրայէն այն ահեղ փորձանքը, որ արդէն բոլոր աշխարհքը քարուքանդ ըրած էր: Բելլովակեցին կը խղճահարի Հեթումի ընթացքին վրայ, թէ անիրաւութեամբ մեծաւ տարեալ յանձնեց` սուլտանի ընտանիքը ի ձեռս Թաթարաց, վասն շահելոյ զբարեկամութիւնն իւրեանց, բայց չենք գիտեր թէ որ օրէնքով պիտի պարտաւորցնէր Հեթումը իր ազգն ու երկիրը զոհել սուլտանին սիրոյն, որ այնչափ անգամներ մեծամեծ վնասներ հասուցած էր Հայերուն: Բելլովակեցիին պատմելովը Հեթում սուլտանի կիները տարած ատենը մեռաւ ի նմին ճանապարհի (ԿԱԼ. 378), իբր թէ Աստուած պատժած ըլլայ գործած անիրաւութիւնը, սակայն Հեթում մեռած է 1270-ին, եւ այդ եղելութիւնը 1244-էն ետքը չէ, եւ ըստ այնմ պէտք կ՚ըլլայ իմանալ բարոյական տեսակէտէն յայտնուած միտքն ալ: Անտարակոյս Հեթում ապաստանած կիները յանձնելէն առաջ, կաթողիկոսին հետ խորհրդակցած է, եւ անոր հաւանութեամբ տրուած է յանձնելու որոշումը: Բայց կաթողիկոսն ալ չէր կրնար բռնադատիչ պայմանին առջեւ Թաթարներու վայրագութեան զոհ տալ Կիլիկիոյ ժողովուրդը, եւ երկրին վրայ հրաւիրել ուրիշ տեղեր կատարուած կոտորածներն ու աւերածները: Անցողաբար աւելցնենք, թէ անշուշտ այս առթիւ տեղի ունեցած` Սիմէոն Ասորիին դեսպանութեան եւ միջամտութեան արդիւնքն եղած է, Սիսի մէջ Ասորւոց եկեղեցիին շինութիւնը (ՍԻՍ. 534):

1116. ՀԵԹՈՒՄ ԵՒ ՍԵԼՃՈՒՔՆԵՐ

Եթէ Հեթում եւ Կոստանդիններ կրցան Թաթարներուն սպառնալիքէն ազատիլ, յանձնելով Ղիաէտտին սուլտանին մայրն ու քոյրը 1115), սակայն անոր վրէժխնդրութիւնը շարժեցին, երբոր Թաթար ասպատակը ետ գնաց, եւ Ղիաէտտին իր իշխանութեան դարձաւ, եւ 1245-ին Կիլիկիա յարձակեցաւ, ու այրեաց զամէնն, նորէն իրեն օգնական եւ առաջնորդ ունենալով Լամբրոնի Կոստանդին իշխանը 1109): Կոստանդին թագաւորահայր եւ որդին Սմբատ սպարապետ` Տարսոնի մէջ ամրացան, եւ Հեթում Ատանան բռնեց: Սելճուքներ Տարսոնի պաշարումը չյաջողցնելով, Կիլիկիոյ կամ Կուկլկայ կապանէն, այժման Կիւլէկ-Պօղազէն ետ կը դառնային, երբ Հայերը ետեւնէն պնդեցան, եւ Մայծառի ճակատամարտին մէջ, մէք դիպաք անոնց, կ՚ըսէ Սմբատ, ու Աստուծով խանգարեցաք եւ կոտորելով վարեցաք (ՍՄԲ. 123): Միւս տարին 1246-ին Սելճուքներու յարձակումը նորոգուեցաւ, եւ թագաւորահայրն ու սպարապետը Տարսոնը լաւ պաշտպանեցին, բայց երբ պարիսպէն նետընկէց մի փլուցին թշնամիք, վհատեցան, եւ Պռականա բերդը տալով հաշտութիւն խօսեցան: Սակայն նոյն միջոցին սուլտանն, երբ կու խմէր, լոկ ասաց քովս քովս, ու մեռաւ: Իսկ մենք, կը գրէ Սմբատ, չէաք իմացեր զսուլտանին մահն, թէ ոչ` կարէաք նեղել եւ հաշտութեան չէինք զիջանիր: Ասոր հետ մէկտեղ, կ՚ըսէ, ետ դարձող Սելճուքներէն հարիւր հազար մարդ աւելի ջրախեղդ սատակեցան` յորդահոս անձրեւներուն պատճառով եւ յետ երկու տարւոյ գողացաք զՊռականա, այսինքն բերդը ետ առած են 1248-ին: Երբ այս անցքերը կը դառնային Կիլիկիոյ կողմերը, Հայաստանի գաւառները, կրկին չարաչար նեղութեանց կը մատնուէին, վասնզի Բաչուն եւ այլ աւագանին Թաթարաց, կարծիս առին ամբարտաւանութեան եւ ապստամբութեան Վրաց: Դաւիթ թագաւորը եւ մեծամեծները ձերբակալեցին, կապեցին եւ հատին վճիռ մահու, սակայն վերջէն անոնք արձակեցին ի մահուանէ, բայց անթիւս կոտորեցին, գերեցին գիւղս եւ ագարակս, գործեցին խայտառականս ի կանայս, այնպէս որ պատմիչը իրաւունք ունեցաւ ըսելու, թէ սոյն ՈՂԲ կրկնեցաւ ի ՈՂԸ Թուին (ՎԱՐ. 148), այսինքն է 1249-ին:

1117. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԵՒ ՎԱՐԴԱՆ

Մինչ այս անցքեր կը դառնային, եւ Հայութեան բոլոր բաժինները, թէ Թաթարներու եւ Սելճուքներու ձեռաց ներքեւ, եւ թէ Կիլիկիոյ ազգային թագաւորութեան մէջ` աղետէ ու վիշտէ գլուխ չէին կրնար վերցնել, Վարդան վարդապետ Արեւելցին, նոյն ինքն Վարդան պատմիչը, Մեծ մականուանեալ, եւ աշակերտ Մխիթար Գօշի ու Յովհաննէս Վանականի, 1240-ին ատենները աղօթականութեան ազագաւ Երուսաղէմ էր գացած (ԿԻՐ. 162), Կոստանդին կաթողիկոսին ուխտագնացութենէն քիչ ետքը, երբ տակաւին Երուսաղէմ Լատիններու ձեռքն էր: Երուսաղէմէ դառնալուն Վարդան Հռոմկլայ կը հանդիպի 1241-ին կաթողիկոսին հետ տեսնուելու համար: Կոստանդին երբ զայն կը ճանչնայ, չ՚ուզեր անկէ բաժնուիլ, կը կապէ զայն միջնորդութեամբն Աստուծոյ ընդ անձին իւրոյ կենօք եւ մահուամբ, մեծաւ հարկիւ եւ սիրով բեւեռեալ ընդ նա յաւիտեան (ԿԻՐ. 165): Կոստանդինի եւ Վարդանի խորհրդակցութիւնները խեղճ ազգին եւ եկեղեցւոյն ողբալի վիճակին վրայ կը դառնային, եւ մտախոհ եղեալ խորհեցան, թէ մեղքն են այսմ ամենայնի պատճառ, զի ամենայն մարդ խնամով ի գործել զհաճոյս կամաց իւրոց: Ժամանակին զեղծումները համրուած ատեն կը յիշուին մերձաւորներու հետ ամուսնութիւն, ամուսնաթողութիւն, ապօրինի կենակցութիւն, պահքերու անզգուշութիւն, եւ հեթանոսական կենցաղ, եւ որ մեծն է քան զամենայն չարիս, կաշառով ձեռնադրութիւններ անարժաններու, տգէտներու եւ մանկահասակներու, եւ եկեղեցականներու խառնակեցութիւն (ԿԻՐ. 162): Այդ զեղծումներու դարման մը հոգալու համար կաթողիկոս ու վարդապետ, դրան սպասաւորաց լրմամբ, այսինքն հայրապետանոցին վարդապետներով. 1243-ին Հռոմկլայէ կու գան յաշխարհն Կիլիկեցւոց Սիս մայրաքաղաքը, եւ Հեթումի հրամանաւ եւ ձեռնտուութեամբ (ԿԻՐ. 168), կամ ըստ այլոց Կոստանդինի հրամանաւ եւ Հեթումի ձեռնտուութեամբ (ԿԻՐ. 287), ժողովի կը գումարեն զեպիսկոպոսունս, զվարդապետս, զմիանձունս եւ զվանաց առաջնորդս, զիշխանս եւ զիշխեցողս (ԿԻՐ. 168), եւ տիրող զեղծումներուն համեմատ ամենեցուն կամակցութեամբ եւ ձեռնարգրով կը հաստատեն սահման եւ կանոն չափաւոր եւ դիւրընթաց եւ կարելի գործելոց, եւ անոնց վրայ կ՚ուխտեն ժողովով յանձն առնուլ ամենայն կարողութեամբ զեդեալ սահմանս (ԿԻՐ. 169):

1118. ՍԻՍԻ ԳՈՒՄԱՐՈՒՄԸ

Ժողովական կանոններուն վերլուծութեան չանցած, պէտք է դիտել տանք թէ Սիսի գումարումը կատարեալ ազգային ժողով մը չկրցաւ ըլլալ, որովհետեւ միայն Կիլիկիոյ ներկայացուցիչներով կազմուեցաւ, եւ անկէ դուրս եղող Հայաստանի եւ Փոքր Ասիոյ եպիսկոպոսներուն եւ վարդապետներուն եւ ոչ իսկ հրաւէր ղրկուեցաւ: Կոստանդին կաթողիկոս մտադիր էր գալ անձամբ եւ այդր այսինքն արեւելեան գաւառները, եւ լնուլ զփափաք կարօտութեան իւրոյ, եւ միանգամայն այն կողմերու եպիսկոպոսներէն եւ վարդապետներէն պահանջել ձեռագիր սահմանիդ եդելոյ (ԿԻՐ. 169), որ է ըսել, Սիսի ժողովին որոշումներուն կատարեալ ազգային կանոնի ոյժը տալ ընդհանուր համաձայնութեամբ: Կոստանդին իր փափաքը չկրցաւ լրացնել եւ տեղէն շարժուիլ, ոչ միայն զի ծերացեալ էր նա (ԿԻՐ. 163), այլ զի նաեւ ժամանակն կասկածոտ եւ սխալական էր (ԿԻՐ. 165): Այս պատճառով զերիս ամս սպասելէ ետքը (ԿԻՐ. 168), Վարդան վարդապետը ճամբայ հանեց, որ ի հինգ ամաց հետէ իւր մօտն էր (ԿԻՐ. 165), եւ կատարեալ մտերիմն էր, եւ ունէր զսիրտ եւ զբան իւր յամենայն իրս, որպէսզի գլխաւոր վիճակները պտտի, եպիսկոպոսներուն եւ վարդապետներուն համաձայնութեան ստորագրութիւնը առնէ, եւ հաւաքելէն ետքը բոլորը մէկտեղ կաթողիկոսին բերէ (ԿԻՐ. 166): Այդ մանրամասնութիւնները շատ իսկ են ցուցնել, թէ Սիսի 1243 տարւոյ ժողովին որոշումները չեն կրնար ազգային ժողովական կանոնի հեղինակութիւնը վայելել, քանի որ իրենց կազմութիւնը կիսովի էր եղած, եւ լրացումը երեք տարիներէ ետքը պիտի կատարուէր, եւ այն ալ ամբողջական կերպարան մը չկրցաւ առնել: Բայց աստի կանոններու վերլուծութիւնն ալ պիտի ցուցնէ, որ անոնք դաւանական եւ կանոնական գլխաւոր նիւթերու շուրջը չեն դառնար, այլ պատահական եւ ժամանակին զեղծումներուն պատշաճեալ առժամեայ կարգադրութիւններ են, որոնք շարունակ փոփոխման ենթարկեալ կէտեր են: Պէտք է դիտել եւս, որ ձեռուընիս չունինք ժողովական որոշմանց վաւերական պատճէնը, եպիսկոպոսներուն եւ վարդապետներուն եւ իշխաններուն թուովը եւ ստորագրութիւններովը, որ կարենայինք անոնց արժէքը օրինաւորապէս գնահատել: Իսկ Կիրակոսի յառաջ բերած շրջաբերականին մէջ (ԿԻՐ. 167-173) Կոստանդին այնպիսի, բացատրութիւններով կը հաղորդէ ժողովական որոշումները, որ աւելի իր անձնական առաջարկութիւններ կ՚երեւան, քան թէ ժողովական ոճով խմբագրուած հրամաններ: Ասիկա մեզի իրաւունք կու տայ ըսելու, թէ Կոստանդին կրցաւ Սսոյ գումարման կէտերը իր կողմէն ընդլայնել, կամ իր կողմէն ալ կէտեր աւելցնել, զորօրինակ երբ կ՚ըսէ զայս եմք հոգացեալ առաջի արքային Հեթմոյ եւ հօր իւրոյ Կոստանդեայ (ԿԻՐ. 171), եւ կամ ի Ֆռանկաց գրեալ են առ մեզ (ԿԻՐ. 173), եւ ուրիշ նմանօրինակ դարձուածներ:

1119. ԿԱՆՈՆԱԿԱՆ ԳԼՈՒԽՆԵՐ

Գալով Կոստանդինի շրջաբերականին մէջ ցուցուած 25 գլուխներուն, զորս ուրիշ օրինակներ 23-ի կը վերածեն` երկուքը իրարու խառնելով (ԿԻՐ. 289), առաջին չորսերը ձեռնադրութեանց մասին են: Ա. Արժանաւորներ միայն ձեռնադրուին եւ առանց արծաթոյ, որ ի տեղիս տեղիս խստիւ պահուած չէ վասն աղքատութեան եւ տկարութեան: Բ. Եպիսկոպոսութեան կոչուին արժանաւորքն միայն եւ գիտունքն, այն ալ մեծաւ քննութեամբ եւ վկայութեամբ եւ թեմին կամակցութեամբ, որ ընտրութենէ աւելի` հաւանութիւն կը ցուցնէ. տարիքն ալ մի' պակաս քան զերեսուն ամն: Այս երկու կանոնները ոմանք մէկի կը վերածեն (ԿՐԿ. 289): Գ. Իբր առաջին գործ եպիսկոպոսին, կը հրամայէ սահմանել զուսուցիչս եւ զուսումնականս ուսման եկեղեցւոյ, եւ կը պահանջէ որ անգայթակղ եւ գիտունք լինիցին ուսուցիչք տղայոցն: Դ. Ձեռնադրութիւն ընդունողներուն` ուսմամբ եւ սրբութեամբ օժտուած ըլլալնին, եւ անձանց իւրեանց եւ սնուցողացն վկայութեամբ հաստատուած, եւ առանց արծաթոյ նշանակուած ըլլալնին ստուգելէ զատ, կը պահանջէ եւս որ տարիքով ալ ըլլան, միfl պակաս քան զքսանեւհինգ ամն երէցն, եւ սարկաւագն քսան ամ: Ուրիշ օրինակներ կը գրեն մի' պակաս քան զքսան եօթն ամն երէցն եւ սարկաւագն (ԿՐԿ. 289), որ յարմարագոյն չ՚երեւիր երկու աստիճաններուն նոյն տարիքը տալովը: Չորս եւս կանոններ քահանայագործութեանց համար են. Ե. Պսակ եւ կնունք նօթութեամբ եւ յեկեղեցիս պիտի կատարուին, եւ ընդունողներ պիտի հաղորդուին: Միայն կնունքը կրնայ ըլլալ յորժամ եւ իցէ, եթէ մահու երկիւղ իցէ երեխային. խորհուրդները պիտի պաշտուին միշտ առանց դրամի: Զ. Ամէն քահանայագործութիւններ, կնունք եւ պսակ եւ թաղումն, պիտի կատարուին առանց զրուցի եւ ծաղու, այլ երկիւղիւ եւ աղօթիւք մերձակայից, այսինքն թէ հանդիսատեսներ աղօթքներուն մտադրութիւն պիտի ընեն երկիւղածութեամբ: Է. Մկրտութեան աւազանը հաստատուն եւ անշարժ եւ վարագուրաւ ծածկոց պիտի ըլլայ, որով շարժական աւազանները կ՚արգիլուին. նախընթաց կանոնով ալ կնունքը յեկեղեցիս ընել հրամայած էր, ինչպէս եւ պսակը: Ը. Պսակուելիքները պիտի ըլլան վեց ծննդովք հեռացեալք յազգակցութենէ արեան, եւ փեսայն չորեքտասան եւ հարսը երկոտասան տարեկանէ պակաս պիտի չըլլան: Տարիքները յետին կանոններով եւ այժմեան սովորութեամբ շահ նուազ են, որովհետեւ այդ տարիքներու մէջ կատարեալ խելահասութիւն չենթադրուիր: Իսկ հասի ճիւղերը մինչեւ վեց բարձրացած են, միշտ երկու կողմերու ծնունդները գումարելով, եւ եօթներորդի արգելք յիշուած չէ: Իսկ խնամութեան ճիւղերու բնաւ խօսք չըլլար, եւ միայն ու միայն արեան ազգակցութիւն կը յիշուի: Շահապիվանի ժողովին մէջ տեսանք երեք ճիւղերու արգելքը երկու գիծերը միանգամայն առնելով 230), այստեղ երեքը երկու գիծերու վրայ զատ զատ առնուելով, ճիւղերը վեցի բարձրացած են, եւ այս ալ յայտնապէս Լատիններու նմանողութեան արդիւնքն է, որոնք իւրաքանչիւր գիծը մինչեւ չորս տանելով ութը ճիւղերու արգելք կ՚ընդունէին, Հայերը կերպով մը անոնց մօտեցած կ՚ըլլան` իրենց համագումար երեքը իւրաքանչիւր գիծի վերածելով:

1120. ԲԱՐԵԿԱՐԳԱԿԱՆ ԳԼՈՒԽՆԵՐ

Յաջորդող կանոններ ընդհանուր կերպով զանազան բարեկարգական կէտեր նկատի կ՚առնեն: Թ. Եպիսկոպոս կամ վարդապետ կամ երէց կամ գերոյ տէր, թերեւս գիւղի քահանայ, կամ թէ գերիներու հետ եղող քահանայ, յօտար աշխարհէ եկած` կ՚արգելուի շրջիլ ու շինել, բայց եթէ թեմի եպիսկոպոսին հրամանաւ, բայց ճշմարտացն մի' հակառակեսցեն: Վերջին պայմանը ոմանց մօտ կը պակսի (ԿՐԿ. 290): Այդ կանոնին մէջ յիշուած օտարը, մենք օտար եկեղեցիէ եղողներուն, իսկ ճշմարիտը Հայ եկեղեցիէ եղողներուն վրայ կը սիրենք իմանալ, ապա թէ ոչ ճշմարիտի դէմ սուտերը պիտի իմանայինք, եւ կանոնը իմաստէ զուրկ կը մնար: Ժ. Գրոց դասասացք եւ գրոց աշակերտք վկայութեամբ ընտրուած պիտի ըլլան, եւ առաջինները գիտունք, եւ գրոց վարժք եւ տեղեակք եւ փորձ պէտք է ըլլան, կ՚ըսէ կանոնը, որ յայտնապէս սուրբ գրող ուսման համար է: ԺԱ. Նոյն իսկ զսուրբ գիրս եկեղեցւոյ գրել, միայն արուեստաւորաց եւ գիտնոց եւ ուղղափառաց պիտի թոյլատրուի, վասնզի կրնային ձախող հետեւանքներ բղխիլ անվարժ եւ անուղիղ ընդօրինակողներուն գրիչէն: Այս ալ տեսակ մը զգուշական գրաքննութիւն է, որ շատ կարեւոր էր երբ լատինասիրութիւնը կը սկսէր ընդարձակուիլ: ԺԲ. Եպիսկոպոսներուն կը հրամայուի երկիցս անգամ ի տարւոջ շրջիլ յիւր Թեմն, եւ ուրիշ կարգադրութեանց հետ, սուրբ եւ գիտուն քորեպիսկոպոս դնել, որ զեկեղեցւոյ դատաստան ըստ կանոնաց առնել մարթասցի, երկիւղած եւ անագահ: Քորեպիսկոպոսներ եպիսկոպոսի օգնականներ են, որ երբ եպիսկոպոս քաղաքի մէջ կը գործէ, կը հովուէ ու կը դատէ, անոնք ալ վիճակին գիւղական շրջանակներուն մէջ միեւնոյն գործերը կը կատարեն: Միւս կողմէն յայտնի է, որ հին ատեններ դատական գործերէն շատերը եկեղեցական ատեան կը հանուէին, ինչպէս կանոններու մէջ յիշուած նիւթերէն ալ կը քաղուի: ԺԳ. Կանոնը նոր եւ ասկէ առաջ չյիշուած պաշտօն մը կը յիշէ, որ է խոստովանահայր: Իշխաններէն ոմանց խոստովանութեան հայրեր յիշուած էին, որոնք պարզ ծխատէրերն էին, բայց ընդհանուր խոստովանահայրեր, որ ամէն կիրակի ժողովուրդը պիտի խոստովանեցնեն վասն շաբաթու յանցանացն, եւ քահանաներն ալ նոյն խոստովանահայրներու հրամանով միայն զիւրեանց ժողովրդեան զարժանաւորն պիտի հաղորդեն, բոլորովին նոր դրութիւն մըն է` որ Լատինէ ալ փոխանցում մը չէ, անցեալին մէջ յիշուած չէ, եւ ապագային մէջ հետք թողած չէ: Միւս կողմէն Կոստանդինի եւ Սիսի ժողովին մէկ նոր կարգադրութիւնն է ըսելու ալ փաստ չենք գտներ: Նկատելի է գլխաւորապէս առանց դրամի ընելու կրկին եւ կրկին հրամանը: Թերեւս դրամ շորթելու կերպ մըն էր, տեղ տեղ մուծուած, զոր կանոնը կ՚ուզէ կարգի բերել, եւ կը հրամայէ որ խոստովանահայրները ծեր եւ գիտուն քահանաներէ առնուին, եւ գործողութիւնը առանց դրամի կատարուի: ԺԴ. Կանոնը կը հրամայէ հաղորդը հիւանդներուն առանց բուրվառի եւ մոմեղէնի չտանիլ, ինչ որ դիւրին պիտի չըլլար Կիլիկիայէ դուրս: Աւելի կարեւոր է նոյն կանոնին երկրորդ մասը, որ իբր զատ կանոն մը կրնար համարուիլ, ինչպէս ոմանք բաժնած են (ՉԱՄ. Գ. 228), եւ որ ծխատիրութեան կերպը կ՚որոշէ, թէ ծխատէրի ընտրութիւնը պէտք է եպիսկոպոսն հրամայեսցէ, եւ ոչ թէ ժողովուրդը որոշէ ում եւ կամին ծուխ լինել: Ծուխերուն հիմնապէս տէրունի ըլլալուն սկզբունքն է, որ մինչեւ վերջի ատեններ քաղաքներու մէջ ալ հաստատուն կը պահուէր, եւ որ այժմ բոլորովին մոռացութեան տրուած կը տեսնուի:

1121. ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԳԼՈՒԽՆԵՐ

Ասկէ ետքը եկող կանոններ պարզ բարոյականութեան գործերու կը պատկանին: ԺԵ. կանոնը կ՚ուզէ որ եպիսկոպոսներ եւ արքեպիսկոպոսներ ուղղեն զպոռնիկս, զշնացողս, զհմայս եւ զամենայն յանցաւորս: Նախ ջանան երկիւղիւ գեհենին ի դարձ ածել, իսկ եթէ այն չբաւէ, մարմնաւոր պատուհասիւ ալ վարուին եւ տուգանել ալ չքաշուին, մանաւանդ անբարոյները, որոնք այր եւ կնոջ մէջ կը մտնեն, բոզ կին ունին, օրինաւոր կիներնին կը թողուն ու բոզերուն կ՚երթան, կամ ատելութեան պատճառաւ թողուն զկանայս առանց բանի պոռնկութեան: Այսպիսիներէն եթէ պատուաւոր է մարդն, անողորմ տուգանօք խրատեսցեն, եւ եթէ մեղաւորը այր է` թագաւորը ալանի մեղքը եւ իշխանը մեղադրանքը խրատեսցէ, իսկ եթէ կին է յանցաւորը` երէցն խրատեսցէ: Խրատելը այս տեղ գանակոծութիւնն է, ինչպէս Պիղատոս ալ կ՚իմանար Քրիստոսի համար խօսած ատենը (ՂԿՍ. ԻԳ. 16): Իսկ ալանի մեղք եւ մեղադրանք բացատրութիւնը յայտնի եւ գաղտնի շինութեանց զանազանութիւնը կը ցուցնէ: ԺԶ. կանոնը պահոց համար է. ուտելիքի մասին կ՚ըսէ որ առանց ձկան եւ ձիթոյ եւ գինւոյ եղիցի, իսկ օրերու մասին, աղուհացիցն եւ ուրբաթ եւ չորեքշաբթին կը յիշէ, ու շաբաթապահքերուն վրայ չի խօսիր, եւ ի հարկէ հիւանդութեան բացառութիւնը կ՚ընդունի, իսկ անոնց որ պահքը կը լուծեն, իբր պատիժ կը հրամայէ որ տուգանեսցին եւ յաղքատս տացեն, եւ պահօք վճարեսցեն, որով պահոց օրէնքը արտաքին պատիժով միայն արգիլուած կը մնայ, տուգանքով վճարել ի նպաստ աղքատոց, եւ լուծած օրին տեղ ուրիշ օր պահել: Ուրբաթը եւ չորեքշաբթին հաւասարապէս Քրիստոսի չարչարանաց աւուրք կ՚անուանէ, եւ թերեւս կ՚ակնարկէ Յուդայի մատնութեան չորեքշաբթի օր տեղի ունեցած ըլլալուն, սակայն չորեքշաբթին բուն չարչարանաց օր չէ, եւ կը պատուուի իբր Աւետումի օր եւ Մարդեղութեան խորհրդոյն յիշատակ, իբր զի ի չորրորդ օր դարձեալ հրեշտակն ետ զաւետիսըն կուսական (ԺԱՄ. 294): ԺԷ. կանոնը յիշոցներու դէմ է, անոնք որ ամէն նուիրական բան, հաւատք, ստեղծող, կնունք, հրեշտակ, քահանայ, բերան, երես, գերեզման, եւ այլ այսպիսի կը հայհոյեն: Կը յայտարարէ որ Հեթում թագաւորի եւ Կոստանդին թագաւորահօր հետ համաձայնութեամբ` յիշոցաւագ պիտի դրուին ամէն տեղ, քաղաք ու գիւղ, բերդ ու դարպաս, որ հայհոյիչներուն զլեզուն հատցեն կամ լեզուն ծակեսցեն եւ լար ի ներս ածցեն, եւ ծեծելով ի շուրջ ածցեն օր մի, եւ ըստ գոյին տուգանս առցեն եւ յաղքատս տացեն: Այդ խիստ օրէնքը, որ իր բնութեամբ արեւելեան խստութեանց նմանութիւնն ունի, աւելի արեւմուտքի մէջ սկսած հաւատաքննական խստութեանց հետեւողութիւն պէտք է նկատուի: Այս տեղ ալ ոմանք պահոց եւ հայհոյութեան կանոնները մէկ գլուխի վերածած են (ԿՐԿ. 291):

1122. ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ԳԼՈՒԽՆԵՐ

Կը հետեւին քանի մը կանոններ յատկապէս քահանայից կենցաղին եւ պարտաւորութեանց մասին, ԺԸ. Կանոնը ընդհանրապէս կը տրամադրէ որ եթէ վերոյիշեալ յանցանքներուն մէջ ինկողը քահանայ է, կրկին պատուհասիւ պատժեսցի, հանդերձ կարգիւն, կամ թէ կրկին պատիժ ընկալցի եւ տանջեսցի կարգաւն հանդերձ (ԿԻՐ. 292), եւ յարմարագոյն կ՚երեւի իմանալ թէ կարգն ալ վրայ պիտի տայ, քան թէ ըսել թէ պիտի պատժուի կարգը վրան մնալով: ԺԹ. Քահանաներուն կ՚արգիլէ զատ եկեղեցւոյ գործեր կատարել, ինչպէս նօտարութիւն կամ որսորդութիւն, որով պիտի իմանանք հանրային գործերը, եւ ոչ առանձինն եւ տնական աշխատութիւնները կամ սեփական հողագործութիւնը: Այնպիսի գործ ընողներուն եւ անուսում եւ անարժան քահանաներուն համար կը հրամայէ որ անոնց զժողովուրդն ի բաց առցեն, այսինքն ծխատէրութեան իրաւունքներէ զրկեն: Ի Քահանաները կը պարտաւորէ, որ այրերը ու կիները զատ, կուսան աղջիկները զատ, եւ մանր տղաները զատ եկեղեցին ժողվեն, ուսուցանեն, խրատեն, սաստեն, եւ անոնց բարոյականին հսկեն: Իսկ եթէ անկարող մէկը գտնուի, ի ձեռն այլ կատարելոյ արասցէ նոյն գործը: ԻԱ. Փոխադարձաբար ժողովրդականներուն ալ կը հրամայէ, որ քահանաներուն իրաւունքը չխորեն եւ յօժարութեամբ վճարեն իրաւունքները, ինչպէս են արմտեաց պտուղ, բաժին մատաղի, պսակի ընծայ, թաղման հանդերձ, եւ ժամու դրամ: Ժամու դրամին վրայ անդրադառնալով կը յարէ թէ պէտք չէ ուզուի վճարուի իբր գին պատարագի, այլ լոկ իբր հանդերձ եւ կերակուր երիցուն: ԻԲ. Քահանաներուն ալ պարք կը դնէ, որ ժողովուրդէն առածնուն մէջէն եպիսկոպոսին իրաւունքը տան սահմանեալ հասիւն եւ ընծայիւ: ԻԳ. Կանոնով ալ կը յիշեցնէ հայրապետին եպիսկոպոսներէն ստանալիք իրաւունքը, եւ առաջ կը բերէ Լուսաւորչեան կանոն մը, Քահանայն զժողովուրդն տասանորդէ, եւ եպիսկոպոսն զքահանայս, եւ հայրապետն զեպիսկոպոսունս: Կը յանձնարարէ որ վճարումները յօժարութեամբ եւ խնդութեամբ ըլլան եւ ոչ ագահութեամբ, որ աթոռքն հաստատ եւ անկարիք մնան, եւ եկեղեցիքն պայծառ, եւ Աստուծոյ օրհնութիւն խառնի յարդիւնս արդարութեան:

1123. ԶԻՋՈՂԱԿԱՆ ԳԼՈՒԽՆԵՐ

Վերջին երկու կանոնները, Լատիններուն սիրտը շինելու համար զիջողութիւններ են: Կոստանդին կաթողիկոսին եւ Հեթում թագաւորին շրջանը, Լատինականութեան հանդէպ զիջողութեանց նախաքայլերուն ժամանակն է, այն ակնկալութեամբ թէ Արեւմտեաններուն զինուորական օգնութիւնը եւ քաղաքական հովանաւորութիւնը թումբ պիտի կանգնին արեւելքի Թաթարներուն եւ հարաւի Եգիպտացիներուն դժպհի զօրութեան դէմ: Պահլաւունիներուն օրով ինչինչ լատին արարողութիւններ կրցան աւելցուիլ իբրեւ նորութիւն, այլ փոփոխութիւններ տեղի չունեցան: Բարձրբերդցիին օրով փոփոխութիւններու քայլն առնուիլ սկսաւ: Թէպէտ գործը աննշանակ եւ երկրորդական կէտերու վրայ ամփոփուեցաւ, բայց այն դուռ բացաւ, որ հետզհետէ զիջողական փոփոխութիւններ կարեւորագոյն կէտերու վրայ ալ տարածուին: Բարձրբերդցիին զիջողութիւնները Սսոյ գլուխներուն վերջին երկուքներն են: ԻԴ. Կանոնը Սուրբ Աստուած-ի որ Խաչեցար-ին համար է, որուն համար, օտարներ կը պնդէին թէ Երրորդութեան վրան կ՚իմացուի, մինչ Հայերը կը յայտարարէին թէ իրենք ի դէմս Որդւոյն Աստուծոյ կ՚երգեն: Բայց դիտողութիւն ընողներ կային, թէ Սուրբ Աստուած-էն առաջ եղող Գոհանամք զքէն եւ Լուր ձայնից աղօթքներու` հանգիստներուն վերջաւորութիւնները, ի Հայր եւ յՈրդի եւ ի Սուրբ Հոգին աւարտելովը, յաջորդ երգը ի դէմս Երրորդութեան կը տանին: Դիտողութիւնը բնաւ նշանակութիւն չունէր, վասնզի ոչ երբեք նախընթաց աղօթքը երկրորդին ուղղութիւնը կրնայ բռնադատել, թէ ոչ ամբողջ ժամերգութեան մէջ հնար պիտի չըլլար դէմքը փոխել: Սակայն Բարձրբերդցին խնդիր մը պակաս ընելու նպատակով կը հրահանգէ, որ առաւօտուն Խաղաղութիւն մեր հանգիստը աւարտի, գոհութեամբ փառաւորեսցուք զքեզ ընդ Հօր եւ Սուրբ Հոգւոյդ Քրիստոս Աստուած մեր` վերջաւորութեամբ (ԿՐԿ. 293), եւ երեկոյին Քեզ երկիրպագանելով հանգիստն ալ աւարտի, միշտ ի բարձունս առաքեսցուք ամենազօր տէրութեանդ Քրիստոս Աստուած մեր` վերջաւորութեամբ (ԿՐԿ. 294), ինչպէս որ սովորութիւն դառնալով մինչեւ այսօր ալ կը գործածենք (ԺԱՄ. 253, 471), թէպէտ այն էական պայման մը չէ: Միւս խնդիրը որ ԻԵ. կանոնին նիւթ կը կազմէ Հիւանդաց իւղն է: Լատիններ մեծ կարեւորութիւն տուած են այդ իւղին, զոր եօթն խորհուրդները լրացնելու համար թիւի անցուցած են Վերջին օծումն անունով, եւ հիմնուելով Յակոբոս առաքեալին խօսքերուն, հիւանդանայցէ… ոք ի ձէնջ. կոչեսցեն զերիցունս եկեղեցւոյն եւ արասցեն ի վերայ նորա աղօթս, օծցեն իւղով յանուն Տեառն, եւ աղօթքն հաւատովք փրկեսցեն զաշխատեալն (ՅԱԿ. Ե. 14): Առաքեալը ամէն հիւանդութեան առթիւ ըլլալիք օծում մը կը յիշէ, եւ զօրութիւնը աղօթքին կու տայ եւ ոչ օծումին, մինչ Լատիններ յատուկ եւ վերջին օծում մը կազմած են, զօրութիւնն ալ օծումին վերագրած, ինչ որ Հայեր իբր վարդապետական կէտ չեն կրցած երբեք ընդունիլ: Այսուհանդերձ իբր բարեպաշտական մի գործ օծումը արգիլելու ալ պէտք չեն զգացած, եւ այս հոգւով վարուած է Օձնեցին, երբ գրած է թէ արժան է զհիւանդացն զձէթ քահանային օրհնել ըստ իւրում աղօթիցն, մինչ միւռոնին համար կը գրէ թէ պարտ եւ արժան է (ՕՁՆ. 26): Օձնեցիին կանոնէն կ՚օգտուին Բարձրբերդցին, Լատիններուն դիտողութեան առջեւը առնելու, եւ կը յանձնարարէ հիւանդաց ձէթ օրհնել, զոր պատեհ գտաք կ՚ըսէ եւ գրեցաք: Յետոյ կ՚աւելցնէ եւ հարկաւոր, բայց պատեհութեան հարկաւորութիւն միայն, լռեցնելու համար այն դիտողութիւնը` զոր ի Ֆռանկաց գրեալ են, եւ այս տեսութեամբ կ՚իմացուի նաեւ ըսածը, թէ պարտ է առնելն, եւ արարէք ստուգիւ (ԿԻՐ. 173): Բարձրբերդցին ոչ յատուկ եւ վերջին օծումի խօսք կ՚ընէ, եւ ոչ խորհուրդ-ի ակնարկ ունի, հետեւաբար հնար չէ հետեւցնել, թէ Սիսի ժողովին կամ Բարձրբերդցիի շրջաբերականին մէջ Վերջին օծման խորհուրդ մը հաստատուած կամ ընդունուած ըլլայ. այլ ընդհանուր կերպով հիւանդներու վրայ աղօթքի ատեն օծում ալ գործածելու յանձնարարութիւնն է, զոր Օձնեցին արժան տեսած էր, եւ Բարձրբերդցին ալ պատեհ կը տեսնէ Լատիններու հետ խնդիրը կարճելու համար: Մնայուն եւ խորհրդական բան մը չըլլալը կը հետեւի նաեւ այն յանձնարարութենէն որով կը պատուիրէ, որ քահանայն օրհնէ ձէթը, իւրաքանչիւր անգամ պէտք եղածին չափ որ աւելի չգայ, եւ ոչ թէ եպիսկոպոսական օրհնութեամբ մէկ անգամէն պատրաստուի, եւ անկէ ցրուի միւռոնի նման, ինչպէս կ՚ընեն Լատինները: Օձնեցիին համար ըսուածը, թէ զատեալ է զմեզ յազգացդ (ԿԻՐ. 173), պատմական ստուգութիւն չէ, ինչպէս որ մենք ալ իր կարգին դիտեցինք 575), եւ Բարձրբերդցին անորոշ եւ անհիմն զրոյցի մը արձագանք եղած է, եւ պատմական վկայութիւն չկազմեր:

1124. ՎԱՐԴԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿ

Վարդան վարդապետ, իբրեւ կաթողիկոսական նուիրակ, իրեն հետ ունենալով հետեւորդներ, ընդ նմա առաքեալք ի կաթողիկոսէն, ուղեւորեցաւ յԱրեւելս` Հայոց ներքին գաւառներուն մէջ շրջան մը ըրաւ, յեպիսկոպոս եւ վանօրայս եւ յիշխանս, ամէնուն ներկայելով կաթողիկոսին շրջաբերականը, եւ պահանջեալ յամենայնէ ձեռագիր հաւանութեան: Բարձրբերդցիին առաջարկները կամ Սիսի որոշումները լաւ ընդունելութեան չարժանացան, ծանր թուեցաւ հրամանն, զոր պատմիչը ագահութեան եւ արծաթսիրութեան կը վերագրէ, առանց դրամի կատարուելիք քահանայագործութեանց ակնարկելով, այլ կրնար վերագրել գիրին մէջ եղող լատինամիտ զիջողութեանց, ուսկից շատ հեռու էին Արեւելեայք, բայց դժբախտաբար իրենց դիրքը խախտած էր, Թաթարներու ու Պարսիկներու ու Վրացիներու փոխադարձ պատերազմներուն եւ համամիտ հալածանքներուն երեսէն, ամէն կազմակերպութիւն կորսուած, եւ համաձայնութեամբ բան մը խորհելու պատեհէն իսկ զրկուած էին: Ուստի զատ զատ մնալով ոչ իշխեցին արհամարհել, այլ ի վերին երեսս մեծացուցին, եւ ետուն ձեռագիր, ոչ թէ հաւանութեան, այլ պարզ հնազանդութեան, առնել զհրամանն (ԿԻՐ. 173): Ընդհակառակն պէտք էր, որ Հայաստանի եպիսկոպոսութիւնը, իբրեւ մեծագոյն մասը հայաբնակութեան եւ Հայ նուիրապետութեան, իր համաձայնութիւնը բերէր Սսոյ ժողովական որոշումներուն, ընդհանուր եւ ազգային կանոնի ոյժ տալու համար 1117): Ստորագրութիւն տուող եպիսկոպոսներէն կը յիշուին Սարգիս Կարնոյ, Սարգիս Անւոյ, Յակոբ Կարսի, Գրիգոր Բջնոյ, Մկրտիչ Հանբերդի, Համազասպ Հաղբատի, եւ այլ եպիսկոպոսունք որ ի կողմանս կողմանս: Համաձայնութիւն յայտնող վանքերէն կը յիշուին Սանահին, Գետիկ, Հաղարծին, Կեչառիս, Հաւուցթառ, Այրեվանք, Յովհաննավանք, Սաղմոսավանք, եւ որ շուրջ զնոքօք: Առանձինն կը յիշուին Ներսէս Աղուանից կաթողիկոս, Յովհաննէս Տուեցի եպիսկոպոս, Յովհաննէս Վանական վարդապետ, Աւագ Օրբելեան իշխան` Իւանէի որդին, որ Թաթարներուն հաւատարիմն էր դարձած եւ Հայերու պաշտպանութիւն կ՚ընէր, եւ կ՚երեւի որ հօրը յունադաւանութեանն ալ չէր հետեւեր, քանի որ այլեւս Վրացիներէն ակնկալութիւն չունէր: Վարդան վարդապետ պաշտօն ունէր հաւանութեան ձեռագիրերը հաւաքելով` անձամբ Բարձրբերդցիին ներկայել. բայց կ՚երեւի թէ արդիւնքը գոհացուցիչ չըլլալուն, չուզեց Հռոմկլայ դառնալ, եւ ստացած գիրերը ղրկեց կաթողիկոսին, եւ ինքն գնաց իր վանքը, որ է Կայանի Սուրբ Անդրէասը, Կայէնի բերդին մօտ, որ Աւագ իշխանի կեդրոնն էր, եւ հոն մնաց ուսուցանել զբազումս (ԿԻՐ. 174):

1125. ՍՄԲԱՏ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐ

Վարդանի ձեռք բերած արդիւնքը, որչափ եւ չափաւոր եւ գրեթէ բռնադատեալ, գոհացուցիչ երեւցաւ Բարձրբերդցիին, զի իր իշխանութեան ամէնէն ընդունուելուն եւ իրեն անձին համար յարգանքի նշանակ սեպեց: Հազիւ թէ Վարդանէն եկած գիրերը ստացաւ 1247-ին, իբրեւ իր կողմէն սիրոյ եւ գոհունակութեան արտայայտութիւն` փութաց հարուստ ընծաներ ղրկել եկեղեցեացն յարեւելս, եւ գլխաւորաբար ի պատուաւոր վանօրայս, եւ պատրաստեց մեծագին նափորտս ի սպաս պատարագին սրբոյ, մետաքսառէջս, ի կերպասուց պէսպէս գունաց, եւ ամէնքը ճամբայ հանեց հայրապետանոցին սպասաւոր Թէոդոս վարդապետի ձեռքով, որ շրջի եւ իւրաքանչիւրը իր տեղը յանձնէ ըստ պատշաճի (ԿԻՐ. 174): Այդ միջոցին էր, որ Հեթում թագաւոր ալ ուշադրութիւն դարձուցած էր արեւելեան գաւառներուն վրայ, որոնց բախտը այլ եւս Թաթարներուն կամքէն կախում ունէր, եւ մտածեց եւսքանզեւս մշակել անոնց հետ բարեկամութիւնը, թէ իր թագաւորութեան ապահովութիւնը ձեռք բերելու, եւ թէ ներքին գաւառներու Հայերուն բարօրութեան նպաստելու համար: Իր փափաքն էր անձամբ տեսակցութեան երթալ Քիուք մեծ խանին եւ անոր միտքը գրաւել իմաստուն առաջարկութիւններով, եւ քրիստոնէից պաշտպան դարձնել իսլամութեամբ զօրացած ազգերու դէմ, մինչեւ իսկ Թաթարները քրիստոնէութեան աշակերտել: Վասն զի տակաւին Թաթարները քաղաքական եւ կրօնական անորոշ վիճակ մը ունէին, իրենց երկրին մէջ ունեցած սովորութիւննին եւ հաւատքնին հետզհետէ փոխակերպուելու վրայ էին իսլամներու եւ քրիստոնեաներու հետ ունեցած շփումներով, բայց դեռ որոշ կէտի վրայ կայացած չէին: Կիրակոս պատմիչ, որ իրենց հետ կենակից եղաւ եւ մօտէն տեսաւ անոնց նիստուկացքը 1114), հետաքրքրական տեղեկութիւններ կու տայ անոնց վրայ (ԿԻՐ. 147-150), եւ գլխաւորաբար անոնց կրօնքին մասին կը գրէ, թէ պաշտօն ինչ որ քոյր առ նոսա կամ երկրպագութիւն, բայց ստէպ զանունն Աստուծոյ յիշէին յամենայն իրս, բայց թէ զԷէն Աստուծոյ գոհանային, կամ թէ զայլ ոմն Աստուած կոչէին, մեք ոչ գիտեմք եւ ոչ ինքեանք եւս (ԿԻՐ. 148), քանզի կոչէին զանուն Աստուծոյ` Թանկրի (ԿԻՐ. 149): Հեթում իր փափաքած այցելութեան իբր սկզբնաւորութիւն որոշեց նախ ղրկել իր եղբայր Սմբատ Գունտստապլը, սպարապետ պատմիչը, որուն ուղեւորութիւնը թէպէտ 697=1248-ին կը կարդանք (ՍՄԲ. 124), այլ օրինակներու եւ ժամանակագրութեան ուղղութեամբ 1247-ին եղած կ՚ընդունուի (ՍԻՍ. 554), եւ ըստ այսմ յարմար կու գայ ըսել, թէ կաթողիկոսին պատուիրակը եւ թագաւորին դեսպանը միասին մեկնեցան Կիլիկիայէ, Արեւելք երթալու համար, Թէոդոս մինչեւ Հայաստան, եւ Սմբատ մինչեւ ներքին Սմրղանտ, մեծ խաներուն մայրաքաղաքը, ուսկից ուղղած է Սմբատ` Կիպրոսի թագաւոր Հուկոն Գ-ի 1248-ին գրած նամակը (ՍԻՍ. 554):

1126. ՅՈՎՍԷՓ ԱՐՏԱԶԵՑԻ

Կոստանդին կաթողիկոսի առանձինն մտադրութեան առարկայ եղաւ Արտազու Ս. Թադէոս վանքը, որ է այժմեան Մակուի վանքը, Հայոց Առաջին Լուսաւորիչին շիրիմը, որ միշտ նուիրական եղած էր Հայերուն, եւ անտարբեր չէր կրնար ըլլալ Հայոց հայրապետին, մանաւանդ որ յետ աւերածոյն որ ի Թուրքաց եւ ի հինէն Վրաց, յոլով ժամանակս անբնակ էր ի մարդոյ եւ ամայի: Վանականի աշակերտութենէն Յովսէփ Արտազեցի վարդապետը, ձեռնարկած էր վերստին շէնցնել նոյն վանքը, որ չորս մեծ աթոռներէն մէկը, կամ նոյնիսկ չորսերուն առաջինն էր 930), եւ ամէն կողմէ եկած օգնութիւններուն մէջ գլխաւոր տեղը կը գրաւէր Հայոց կաթողիկոսին նպաստը: Կոստանդին ոչ միայն յղեց ոսկի յոլով ի շինութիւն գաւթին, այլ եւ շրջաբերական գիր ալ յղեց նպաստներ հաւաքելու, վիճակն ալ ընդարձակեց, զշրջակայ գաւառս եւ զքաղաքս անոր թեմ նշանակելով: Հարկաւ այդ ամէն կարգադրութիւններ Թէոդոս պատուիրակին ձեռքով հաղորդուեցան: Յովսէփ վարդապետ այդ պաշտպանութիւններով քաջալերուած, համարձակեցաւ անձամբ ալ ներկայանալ Թաթարաց Անգուն զօրավարին, որոյ իջեւանքն յաւուրս ամարայնոյ հուպ էր վանքին, եւ ամէն տեսակ դիւրութիւն ստանալով, անշուշտ շնորհիւ Սմբատի դեսպանութեան ազդած նպաստաւոր տպաւորութեան, կրցաւ վանքը շինել, եկեղեցին սրբել, հանդիսաւոր նաւակատիք կատարել, միաբանութիւն հաստատել, կրօնաւորս բազումս ժողովել, եւ Արտազի աթոռը նախկին պայծառութեան վերադարձնել: Անգուն զօրավար, այրն թաթար, ուխտագնացութիւններն ալ կը քաջալերէր (ԿԻՐ. 474), եւ կը ներէր աներկիւղ գալ ուխտաւորաց, ընդ մէջ զօրաց իւրոց, հրամայելով մի' զոք զզուել եւ նեղել: Սուրբ առաքելոյն գերեզմանէն կատարուած բժշկութեան շնորհիւ, Թաթարներ անգամ ընծայս մատուցանէին, եւ մինչեւ իսկ կը գտնուէին որ գային եւ մկրտէին զուստերս եւ զդստերս իւրեանց (ԿԻՐ. 175), զի օտար ազգերու մէջ շատ ընդարձակուած է մկրտութեան վրայ հաւատքը, իբրեւ տղայոց վաղամեռիկ չըլլալուն զօրաւոր միջոց մը: Յովսէփ Արտազեցիի ձեռնարկը եւ Բարձրբերդցիին հոգածութիւնը յատուկ յիշատակութեան արժանի էին, զի յառաջիկային պիտի տեսնենք թէ Արտազու աթոռը նշանաւոր դեր ունեցած է ազգային եկեղեցւոյ գործառնութեանց մէջ:

1127. ԴԱՒԻԹ ԾԱՐԵՑԻ

Պատմութեանց մէջ այնպիսի մասնաւոր դիպուածներ կան, որ թէպէտ ընդհանուր եղելութեանց հետ կապ չունին, այլ մեծապէս կը նպաստեն դարուն հոգին ու նկարագիրը կշռելու. պատմութիւնը պէտք չէ անտես ընէ այդ եղելութիւններն ալ: Սոյն տեսակէն եւ Դաւիթ Ծարեցի մոլորեցուցիչին պատահարը (ԿԻՐ. 128-185): Ծար գիւղի մէջ ջաղացպան մըն էր Դաւիթ, Գեղամայ լիճին եզերքը, եւ Հանգաբերդի մօտ ջրաղաց ունէր, եւ հազիւ թէ չքաւոր եւ տնանկ կերպով կրնար պահել իր կինն ու զաւակները: Օրին մէկը իբրեւ թէ Քրիստոս իրեն երեւցած եւ հրամայած ըլլայ, ճգնաւոր կը դառնայ, մեղաւորները դարձի բերելու եւ բժշկութիւններ կատարելու իշխանութեամբ: Գիւղին ձիթահանքին գերանը կը հանէ, եւ բարձրաբերձ խաչ մը կը կազմէ, քարոզութեան կը սկսի, հրաշագործի հռչակ կը հանէ, խաչին առջեւ մատաղներ կը սկսի կտրել տալ, որոնք իրեն կը մնային, եւ միւս կողմէն մատաղի ոսկորներէն եւ խաչին տաշեղներէն կտորներ եւ կորեկի հատեր կը բաշխէր, իբրեւ նշխարս օրհնութեան, եւ անոնց փոխարէն շատ նուէրներ կ՚ընդունէր ոսկւով եւ արծաթով, զուարակաւ եւ ոչխարաւ (ԿԻՐ. 184): Իր բժշկութեանց համբաւը այնպէս զօրացաւ, որ մինչեւ իսկ երիցունք եկին եւ յարեցան ի նա, ընչից եւ զօշոտութեան աղագաւ, եւ դիմողներու բազմութիւնը գիւղին մէջ տեղ չգտնուելէն, շրջակայ լեռներ ու դաշտեր բնակութիւն դարձած էին, զի ամառնային էր ժամանակն, եւ հոն ամէն տեսակ խառնակութիւններ համարձակ կը գործուէին, եւ այս հրապոյրը եւս առաւել կը շատցնէր բազմութիւնը: Բժշկութեան տարօրինակ կերպեր ալ ունէր դիւահարները հաստ բիրով անխնայաբար կը ծեծէր, կամ ոտքովը վիզին վրայ կը կոխէր, հաշմանդամները խաղալ ու պարել կը ստիպէր, անդամալոյծները ձեռքերէն ու ոտքերէն չորս հոգիներու քաշկռտել կու տար, եւ այլ նմանօրինակ կերպեր, որոնց մէջ նոյն տեղ մեռնողներ ալ կ՚ըլլային, եւ այն ատեն սովոր էր ըսել, թէ սա վաղուց էր մեռեալ, եւ այն որ շրջեցուցանէր զնա` դեւն էր (ԿԻՐ. 183), եւ այսպէս կը հաւատացնէր: Իրենց պայմաններն էին, զերկուշաբթի օրն պահեցէք, յիշոցք մի' տայք, եկայք եւ համբուրեցէք զիս, եւ թողեալ լիցին մեղք ձեր եւ ազգին ձեր մինչեւ յեօթն ազգ (ԿԻՐ. 182), եւ կամ, եկայք համբուրեցէք զիս եւ զկին իմ, եւ երթայք, եւ այլ մի' երկնչիք (ԿԻՐ. 183): Ծարի ամբոխը եւ գայթակղութիւնը չէր կրնար մտադրութիւն չշարժել, եւ առաջին վանական վարդապետը եղաւ որ Խորանաշատէն ձայն բարձրացուց թէ պէտք է վերջ տալ այդ գայթակղութեան եւ բանադրեց Ծարեցիէն տաշեղներ կամ կորեկներ առնողները: Նոյն իմաստով գրեցին Համազասպ Հաղբատի եպիսկոպոսը, եւ ինքն Կիրակոս Գետիկի առաջնորդը: Ասոր վրայ երկու անձեր, Գրիգորիս Դադեվանքի եպիսկոպոսը եւ Վարդան Յօժարորդիք մականուանեալ վարդապետը, որոնց վիճակին մէջ կը մնար Ծար գիւղը, խաչով եւ աւետարանով եւ պաշտօնէից եւ հաւատացելոց բազմութեամբ գիւղը եկան, նախ գիշերապաշտօն ըրին, յետոյ Դաւիթը հարցափորձեցին, վերջէն անոր խաչը վար առնելու ձեռնարկեցին, եւ դէմ դնող գիւղացիները զսպեցին, զղջացողները արձակեցին, եւ Դաւիթ Ծարեցին ալ մէկտեղ տանելով դարձան: Ասոր վրայ Գառնեցիներէն ոմանք Դաւիթը ուզեցին` իբր իրենց հին գիւղացին, եւ խոստացան զայն զգուշաւորութեամբ պահել, զի մի' այլ մոլորեցուսցէ զմարդիկ, եւ այսպէս փակուեցաւ Ծարի մոլորեցուցիչին միջադէպը, զոր ի դէպ է դնել 1249 տարւոյ ամառնային միջոցին, Վանականի մահուընէ քիչ առաջ:

1128. ՀՈԳՒՈՅՆ ՍՐԲՈՅ ԽՆԴԻՐԸ

Կիլիկիոյ առժամեայ հանդարտութիւնը, եւ ապագայ ապահովութեան համար Արեւմուտքի հետ մշակուած յարաբերութիւնները, նորէն մէջտեղ բերին եկեղեցական միաբանութեան բանակցութիւնները, որոնք անհրաժեշտաբար կը նորոգուէին քանի անգամ, որ Հայեր պէտք կը զգային Արեւմուտքի քրիստոնեաները իրենց թեւթիկունք ընել, Արեւելքի ասպատակներու դէմ: Անգամ մըն ալ նորոգուեցան այդ շարժումները, եւ անոր առիթ ընծայեցին Հոգւոյն Սրբոյ մասին Լատիններուն եւ Յոյներուն մէջ յուզուած վէճերը: Կոստանդնուպոլսոյ սուրբ ժողովին հանգանակին մէջ Հոգւոյն Սրբոյ համար ելող ի Հօրէ կամ բղխի ի Հօրէ բացատրութիւնը ընդունուած էր, համաձայն աւետարանին (ՅՈՀ. ԺԵ. 26), որուն վրայ վերջերը Լատիններ եւ յՈրդւոյ յաւելուածը կցեր էին, եւ Յոյներ այդ մասին զիրենք կը մեղադրէին, եւ այս կէտը երկու եկեղեցիներուն բաժանման առթիւ ալ յուզուած էր: Նոյն խնդիրը անգամ մըն ալ նորոգուեցաւ այս միջոցներուն, եւ Իննովկենտիոս Դ պապ Հայ եկեղեցւոյ տեսութիւնն ալ իմանալու համար, գրեց Կոստանդին կաթողիկոսին եւ Հեթում թագաւորին (ԿԻՐ. 186): Իննովկենտիոսի առաջին նամակը կը դրուի 1248-ին, եւ յատուկ պատգամաւոր մըն ալ կը յիշուի Տիմանջ անունով (ՍԻՍ. 554), բայց խնդիրը քանի մը տարի երկարած է: Նոյն միջոցին Յունաց եկեղեցին ալ զանց չէ ըրած Հայ եկեղեցւոյ կարծիքին դիմել, եւ Մանուէլ պատրիարք Նիկիայէ դիմած է Հայերուն (ՍԻՍ. 554), որպէսզի իրենց համախոհ գտնուին սոյն խնդիրին մէջ: Կաթողիկոսն եւ թագաւորն մեծ կարեւորութիւն տուին գործին, Սիսի մէջ գումարեցին Կիլիկիոյ մէջ գտնուող եւ զանազան դաւանութիւններէ եղող քրիստոնեաները, Հայ, Յոյն, Ասորի, Վրացի եւ Լատին, բայց համամտութիւն չի գոյացաւ, եւ հարկ սեպեցին Արեւելք եղող վարդապետական կեդրոններուն եւ հռչակաւոր մեծ վարդապետներուն դիմել, եւ անոնց կարծիքն ալ առնել: Յանուանէ կը յիշուին Խորանաշատի Վանականը եւ Արտազի Յովսէփը, եւ որովհետեւ եւ առ այլս ալ կ՚աւելցուի (ԿԻՐ. 187), ի դէպ է Կայէնի Վարդանը եւ Գետիկի Կիրակոսը եւս դնել նոյն շարքին մէջ, քանի որ Վարդան ալ (ՎԱՐ. 148), Կիրակոս ալ (ԿԻՐ. 189), կը փութան իրենց կարծիքը յայտնել նոյն խնդիրին մասին: Կիրակոս մանաւանդ երկարօրէն կը գրէ, նախապէս զանազան վկայութիւններ կուտելով (ԿԻՐ. 187-189), յետոյ խոստովանութիւն հաւատոյ ուղղափառաց մակագրութեամբ գրուած մը յառաջ բերելով (ԿԻՐ. 189-193), որ իր իսկ գրութիւնը կ՚երեւի, եւ վերջէն Վանական վարդապետի Խրատ դաւանութեան գրուածը նոյնութեամբ արձանագրելով (ԿԻՐ. 193-197):

1129. ԴԱՒԱՆԱԿԱՆ ԳՐՈՒԱԾ ՄԸ

Այս տեղ պէտք կը կարծենք յառաջ բերել Տիմանջ լիկաթին կամ պապական նուիրակին պաշտօնին մասին գրութիւն մը, զոր կը գտնենք հին հաւաքածոյին մէջ (ԹՂԹ. 503), Վարդանէ պատրաստուած, եւ Կոստանդին կաթողիկոսի կողմէ Հեթումի ղրկուած, իբրեւ պատասխանի թղթին որ ի պապէն Հռոմայ բերաւ առ թագաւորն Հայոց Հեթում (ԹՂԹ. 504-508), որ Տիմանջի ձեռքով բերուած կ՚ըսուի 1248-ին (ԹՂԹ. 503), իբրեւ հիմնադիր միաբանութեան: Նամակին սկիզբը հեգնաբար կը յիշուի, թէ պապը նուիրակ յղած է գտանել զմեզ, այսինքն հաւատքի բերել, մինչ 1248 տարիներ են կ՚ըսէ գտանելոյն մերոյ ի Տեառնէ, այսինքն քրիստոնէութիւն ընդունելնուս: Այդ տարեթիւը գործածական Քրիստոսի թուականը պիտի ըլլայ, եւ այս պատճառով հարկ զգացինք Տիմանջի գալուն ՈՂԵ թուականը (ԹՂԹ. 505) ՈՂԷ կարդալ, եւ 1248-ին Կիլիկիա եկած եւ պապին գիրը բերած ըսել: Պապական նամակին մասին համարձակ կը յայտարարուի թէ յայս գիրս գտաք հնգետասան սխալ եւ անընդունակ բան, որոնք կարգաւ յառաջ կը բերուին եւ կը հերքուին: Այս 15 կէտերն են, 1. Հռոմայ աթոռն միայն ունի իշխանութիւն կապելոյ եւ արձակելոյ: 2. Հոգին ի Հօրէ եւ յՈրդւոյ բղխի: 3. Երկու բնութիւն են ի մարդն: 4. Միշտ նոր ստեղծանին հոգիք հանապազօր: 5. Մարիամ կին եւ կոյս է գրել, եւ ոչ երբեք Աստուածածին է յիշել: 6. Թէ Բանն եղեւ հաւասար հօր: 7. Թէ Եղեւ մարդ որով փոքր է քան զՀայր: 8. Երկու բնութիւն եւ երկու կամք Քրիստոսի: 9. Քրիստոս զարդարսն միայն եհան ի դժոխոց: 10. Յետ յարութեան առաւել փառաւորեցաւ մարմինն Տեառն: 11. Քահանայն մկրտէ եւ եպիսկոպոսն միւռոնէ: 12. Մոռացեալ են յեօթն քահանայագործութենէն զմիւռոն օրհնելն: 13. Զերրորդ եւ զչորրորդ ամուսնաւորսն օրինաւորք են գրել: 14. Գրեր են յառաջ քան զօրն դատաստանի առնուլ զվարձ արդարոց եւ անապաշխար մեռելոցն մտնել ի բիրկաթօր: 15. Որք ընդ հրեշտակս եւ որք ի բիրկաթօրն միապէս փառաւորին (ԹՂԹ. 504-508): Մեր նպատակը չէ այդ կէտերը քննել, զորս միայն իբր տեղեկութիւն քաղեցինք, այլ բաւական կը սեպենք դիտել տալ, թէ որչափ հեռու են կաթողիկոսն ալ եւ վարդապետն ալ հռոմէադաւան վարդապետութենէ, եւ թէ ինչպէս կը հերքեն այն կէտերը, որոնք Հռոմէ պահանջուէր են, իբրեւ էական դաւանութեան կէտեր: Գիրին մէջ ըսուած է թէ այս վարդապետութիւնները ոչ Պետրոսի են, ոչ Սեղբեստրոսի, ոչ Կեդեստինոսի, եւ ոչ Յուլիոսի, զորս Հայոց եկեղեցին ուղղափառ կ՚ընդունի, ապա թէ ոչ, կ՚ըսեն, զիւրեանց արուեստակեալ առասպելոյն իսկի չընդունիմք: Եթէ, կը յարեն, Հայերու վրայ գութ ու սէր ունին, ահա վեցհարիւր եւ քսան գաւառ են Հայք յԵրզնկայէն ի վեր, եւ կան որ աւեր են, եւ կան որ ի ծառայութեան, թէ կու ցաւին ընդ Հայոց, թող երթան ազատեն (ԹՂԹ. 509): Ռամկօրէն լեզուն պէտք չէ միտքերը շփոթէ, զի գրուածը Հեթումի ուղղուած մտերմական գիր մըն է, եւ ոչ պաշտօնական վաւերագիր: Իսկ մեր տեսութեամբ մտերմական գրուածներ աւելի զօրաւոր են իւրաքանչիւրին ներքին համոզումը իմանալու համար, քան պաշտօնական գրութիւններ:

1130. ՀԱՅՈՑ ԿԱՐԾԻՔԸ

Մերազգի հռոմէադաւաններ համարձակ կը յայտարարեն այդ առթիւ, թէ Հայեր ըստ ամենայնի համակերպեցան Հռոմի վարդապետութեան, եւ ընդունեցան եւ յՈրդւոյ յաւելուածը հանգանակին մէջ (ՉԱՄ. Դ. 236): Սակայն բոլորովին տարբեր է Հայերուն տեսութիւնը, ինչպէս քննական հետազօտութեանց արդիւնքը կը ցուցնէ: Բոլոր խնդիրը աւետարանի երկու խօսքերը. Որ ի Հօրէ ելանէ (ՅՈՎ. ԺԵ. 26), եւ Յիմմէ անտի առնու (ՅՈՎ. ԺԶ. 15), իրարու հետ կապակցելու վրայ է: Ասկէ կը ծագին ելանել, ծնանիլ, բղխիլ, եւ առնուլ ըսուած առնչութիւններուն տարբերութիւնները: Ելանել ընդհանուր իմաստով կ՚առնուի, իսկ ծնանիլ` Որդւոյ առ Հայր, բղխիլ` Հոգւոյն առ Հայր, եւ առնուլ` Հոգւոյն առ Որդի` առնչութիւններուն կը պատշաճեցուին, քանի որ Երրորդութեան գաղափարը բացատրելու համար պէտք է իւրաքանչիւր առնչութեան առանձնայատկութիւնը ճշդել, եւ երկու նոյնեւնմաններ չընդունիլ, կամ որ նոյն է, առնչութիւնները չշփոթել: Դարձեալ պէտք է էութեան խնդիրը տարբերել ելման խնդիրէն, զի եթէ երից անձանց մէջ էութեան տարբերութիւն դնել անհնարին է, ելման տարբերութիւն դնել անհրաժեշտ է, առանց որուն երեքանձնեայ դրութիւնը կը ջնջուէր: Ըստ այսմ Լուսաւորիչի հռչակաւոր դարձած բացատրութիւնը, Հոգի ի նոցունց ի նոսին (ԱԳԹ. 181), պարզապէս էութեան մասին կ՚իմացուի, կամ առ առաւելն ընդհանուր ելման իմաստն ունի, քանի որ նոյն Լուսաւորիչ ստէպ կը կրկնէ, թէ Հայրն է բղխումն Հոգւոյն Սրբոյ (ՅԱՃ. 3): Ըստ այսմ շատ տարբեր են էութիւն, եւ ելումն, եւ բղխումն, եւ Հայերն ալ կը զատեն այդ բացատրութիւնները եկեղեցական գրութեանց մէջ, եւ երբ կը դաւանին Հոգին բղխումն Հօր անքննաբար, առող յՈրդւոյ անճառաբար (ՇԱՐ. 393), երբեք բղխումն ի Հօրէ եւ յՈրդւոյ չեն իմանար: Այդ տարբերութիւնը Արեւելեան վարդապետներուն գրութեանց մէջ ալ շեշտուած կը գտնենք: Կիրակոս կը գրէ. Համարձակ արժան է քարոզել զՀոգի ի Հօրէ ելեալ եւ յՈրդւոյ երեւեալ (ԿԻՐ. 189), եւ Հոգին ճանչնալ, բղխումն ի Հօրէ եւ երեւումն յՈրդւոյ (ԿԻՐ. 190): Վանական ալ երբ Հոգւոյն աստուածութիւնը կը պաշտպանէ, Հօր եւ Որդւոյն հետ առնչութիւնները կը տարբերէ, եւ Հոգւոյն հաւասար կերպով ի Հօրէ եւ յՈրդւոյ բղխումը չհաստատէր, եւ իր միտքը կը պարզէ սա խօսքերով, Հայր անծին ասի` զի ոչ յումեքէ, եւ Որդին ծնեալ` զի ի Հօրէ, եւ Հոգի ոչ ասի Որդի կամ ծնեալ` զի մի երկու եղբարք թուեսցին, եւ ոչ երկուորի ընդ Որդւոյ` զի մի դուստր կարծեցի, եւ ոչ յՈրդւոյ միայն` զի մի թոռն համարիցի (ԿԻՐ. 196): Հետեւաբար Հայերը երբ Հոգւոյն համար յՈրդւոյ առնչութիւն մը կ՚ընդունին, եւ ըստ այնմ իրենց միտքը կը յայտնեն Լատիններէն եկած հարցումին մասին, երբեք ի Հօրէ եւ յՈրդւոյն բղխումը` ընդունած չեն ըլլար, եւս առաւել եւ յՈրդւոյ յաւելուածին հաւանած չեն ըլլար, եւ Լատիններուն համակերպած չեն կրնար ըսուիլ: Այլ միջսահման բացատրութեամբ, եւ ճարտար դարձուածով մը Լատիններուն հակառակած երեւնալ չեն ուզեր, որպէս զի բարեկամական յարաբերութիւնները չխանգարեն: Միւս կողմէն Յոյներէն ալ զատուած չեն ըլլար, քանի որ ոչ եւ յՈրդւոյ յաւելուածին հաւանած, եւ ոչ ալ զայն հանգանակին մէջ ընդունած կ՚ըլլան: Վարդան քննեցին զդաւանութիւն կ՚ըսէ (ՎԱՐ. 148), եւ Հռոմի պատասխան տրուած ըլլալը չի գիտեր, իսկ Կիրակոս երբ կը գրէ, թէ զայս պատասխանեցաք թղթոյն Արեւմտից (ԿԻՐ. 189), իրենց կողմէ կաթողիկոսին գրուած պատասխանը կ՚իմանայ, եւ ոչ կաթողիկոսին կողմէ Հռոմի տրուած պատասխանը, որ կ՚երեւի բնաւ տրուած չէ, զի ոչ մեր պատմագիրք կը յիշեն, եւ ոչ պապական գրութեանց կարգին կը գտնուի, եւ ոչ ալ Մխիթար կաթողիկոս` պատասխան տրուած ըլլալը կը գրէ (ՉԱՄ. Գ. 239), ուստի նորերուն ըստ այնմ ետուն պատասխանի Հռոմայեցւոց խօսքը (ՉԱՄ. Գ. 239), կամ առանց ընդդիմանալու սիրոյ թուղթ գրեց ըսելը (ՄՈՎ. 217), պատմական հաստատութիւն չունին:

1131. ՅԱՐԱԲԵՐԱԿԱՆ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Սմբատի Թաթարներու մօտ երթալն ու դառնալը 1125), իբր երկու տարի տեւեց, ինչպէս ինքն ալ կը նշանակէ (ՍՄԲ. 124), եւ հազիւ 1250-ին կրցաւ եղբօրը Հեթում թագաւորին մօտ դառնալ: Քիուք խան սիրով ու պատուով ընդունեցաւ Հայոց թագաւորին դեսպանը, երեւելի փառօք եւ հաւատարիմ հրովարտակօք մեծարեց, եւ հաւանեցաւ որ Հայերուն յանձնուին այն քաղաքները, որոնք երբեմն իրենց էին եւ վերջերս անոնց ձեռքէն առնուած էին: Իսկ գլխաւոր հաճութիւնն եղաւ, որ հաւանեցաւ Հայոց թագաւորին անձամբ իրեն գալուն, եւ քրիստոնէից գործերուն մասին բանակցելուն: Սակայն Քիուք խան երկար չապրեցաւ եւ մեռաւ նոյն տարին, որ Սմբատ Կիլիկիա կը հասնէր, եւ իրեն յաջորդեց Մանկու խան, Թուլիի որդի եւ Ճինկիզի թոռ, որ ամէնէն փառաւորն ու նշանաւորն եղաւ Թաթար խաներուն մէջ թէպէտ 9 տարի միայն իշխանութիւն վարեց, 1250-է մինչեւ 1259: Նոյն 1250 տարին էր որ Լուդովիկոս Թ. Սուրբն` Գաղղիոյ թագաւորը, Պաղեստին կ՚անցնէր: Լատիններ նոր ընդհանուր ժողով գումարած էին Գաղղիոյ Լուգդուն (Lyon) քաղաքը 1245-ին, որ է իրենց ԺԳ տիեզերականը, ուր որոշուած էր նոր խաչակրութիւն մը եւս կազմել: Բայց հազիւ 1248-ին Լուդովիկոս թագաւոր` եօթներորդ խաչակրութեան գլուխ անցած ուղղակի Եգիպտոս արշաւած էր, եւ առջի բերան յաջողութիւններ ալ ունեցած էր` Մանսուրայի եւ Տամիաթի պատերազմներուն մէջ, բայց վերջէն ձախողելով ինքն ալ գերի ինկած, եւ հազիւ գրաւած տեղերը թողլով եւ ծանր փրկանք վճարելով, ազատութիւն ստացած, եւ 1250-ին Պաղեստին էր անցած, խորհելով Կեսարիոյ, Յոպպէի, Սիդոնի, Պտղամայիսի եւ Անտիոքի լատին իշխանութիւններուն ոյժերը միացնելով Երուսաղէմի գրաւման աշխատիլ: Այդ առթիւ Հայոց թագաւորութեան հետ ալ յարաբերութեան մտաւ, թէպէտ Հայեր Լուգդունի ժողովին մասնակցութիւն ունեցած չէին: Անտիոքացիներու եւ Հայերու մէջ տիրող հակառակութիւնն ալ ջանաց վերջացնել իր միջնորդութեամբ (ՍԻՍ. 554), որպէսզի կարենայ Հայոց ոյժերն ալ միացնել իր նպատակին, որ էր Երուսաղէմի առումը: Սակայն փորձերու իսկ չհամակերպեցաւ, թէպէտ եւ մինչեւ 1254 Պաղեստինի եւ Ասորիքի մէջ մնաց: Շատ հաւանական է, որ Լատիններուն Հայերէ սպասած օգնութեան պարագան էր, որ կրօնական խնդիրները լռեցուց, եւ Հոգւոյն Սրբոյ խնդիրը մոռացութեան մատնուեցաւ, եւ Հայերու հարկ չեղաւ պաշտօնապէս հաւատոյ գիր գրել Հռոմի պապութեան 1130): Հեթումի յաջողութեանց կարգին պէտք է անցընել Կոստանդին Լամբրոնացիին ձեռքէն ալ ազատիլը, որ միանգամ 1109), եւ երկիցս 1116) Հայոց թագաւորութեան դէմ Իկոնիոնի սուլտաններուն հետ միանալէ ետքը, նորէն ու նորէն կրկնեց իր թշնամութիւնները, շարունակ Սելճուքներու օգնութեան դիմելով: Սակայն Հեթում կրցաւ միշտ զէնքի զօրութեամբ անոր ջանքերը ապարդիւն հանել, եւ Լամբրոնացի իշխանը եօթն անգամ հարաւ ի նմանէ, մինչեւ որ այլ ոչ իշխէր համարձակիլ յաջ կամ յահեակ (ԿԻՐ. 158): Սակայն Հեթում վստահ չէր կրնար ըլլալ անոր վրայ, եւ վերջապէս 1250-ին զայն սպաննել տուաւ (ՍԻՍ. 554), իր բերդին մէջ, որպէս զի միանգամ ընդ միշտ երկիրն ալ խաղաղի: Սոյն միջոցին կատարուած եղելութեանց կարգին յիշենք Զապէլ թագուհիի մահը, զոր արդէն պատմեցինք 1108), եւ Ասորւոց կաթողիկոսական աթոռին Հռոմկլայի մէջ հաստատուիլը, Հայոց թագաւորութեան պաշտպանութիւնը վայելելու համար, որուն իբր առհաւատչեայ Իգնատիոս կաթողիկոս 1253-ին մեռած ատեն իր ջորին ու դրամի գումար մը կը կտակէր Հեթումի (ՍԻՍ. 554):

1132. ՀԵԹՈՒՄ ԽԱՆԻՆ ՄՕՏ

Վերջապէս Հեթում պիտի ձեռնարկէր իր վաղուց մտադրած ուղեւորութեան, եւ Թաթար խանին հետ ուղղակի բանակցութեամբ, թէ՛ իր թագաւորութեան եւ թէ՛ ընդհանուր Հայոց համար ապահովութիւն մը ձեռք բերել: Իրաւ մեռած էր Քիուք, որ հաւանութիւնը տուած էր, սակայն անկէ աւելի կը գովուէր Մանկու իր յաջորդը, եւ Հեթում ճամբայ չելած, պէտք տեսած էր Մանկուի միտքն ալ շօշափել եւ վստահութիւն գոյացնել, զոր պատմութիւնը զանց ըրած է յայտնապէս գրել, սակայն կը քաղուի Բարսեղ քահանայի Բաթու զօրավարին մօտ դեսպան երթալէն (ԿԻՐ. 213), եւ Մանկու խանի կողմէ Բաթուի տրուած հրամանէն, Հեթումի ճամբուն ապահովութեան հսկելու (ԿԻՐ. 211): Սմբատ թագաւորեղբօր եւ Հեթում թագաւորին ուղեւորութեանց մէջտեղը 1251-ին (ՕՐԲ. Բ. 161) կ՚իյնայ Սմբատ Օրբելեանի ալ Մանկու խանի մօտ երթալը, զոր երկար կը պատմէ Օրբելեան (ՕՐԲ. Բ. 151-158): Սմբատ` վրացի Օրբելեանց կոտորածէն ազատած Լիպարիտի ցեղէն էր, որ Հայոց հետ խնամութեամբ խառնուելով, Հայ սերունդ ունեցաւ, եւ Լիպարիտի թոռ Լիպարիտի զաւակներն էին` Ելիկում, Սմբատ, Իւանէ, Փախրագուլ եւ Տարսայիճ (ՉԱՄ. Գ. 218): Ելիկում պատերազմի մէջ մեռած էր, թերեւս դեղակուր (ՕՐԲ. Բ. 150), միւս եղբայրներն ալ հալածուած էին, բայց Սմբատի յաջողեցաւ Մանկուի հաճոյանալ, որուն մօտ մնաց զամս երեք (ՕՐԲ. Բ. 155), եւ պաշտպանութիւն ստանալով եկաւ եւ իր իշխանութեան մէջ հաստատուեցաւ (ՕՐԲ. Բ. 158): Սմբատ Օրբելեանի յաջողութիւնը կրնայ քաջալերած ըլլալ Հեթումը այցելութեան նպատակին մէջ: Հեթումի ուղեւորութեան թուականը պէտք է քաղենք ինչ ինչ ակնարկներէ, որոնց գլխաւորն է, թէ Մանկուէ մեկնելէն 8 ամիս ետքը Հայաստան դարձաւ 1255-ին (ԿԻՐ. 217), իսկ Մանկուէ մեկնած էր նախընթաց 1254 նոյեմբեր 1-ին (ԿԻՐ. 213), որով Հայաստան հասած կ՚ըլլայ 1254 յուլիսի սկիզբը, եւ 8 ամիս ալ երթալուն դնելով, 1254 մարտէն առաջ եղած պիտի ըլլայ Կիլիկիայէ մեկնիլը: Հայաստան դառնալէն ետքն ալ միջոց մը նորէն հոն մնաց, եւ 1256 յունիս 5-ին կը դրուի Կիլիկիա հասնիլը (ՍԻՍ. 554): Ըստ այսմ երկու տարի եւ աւելի կ՚ըլլայ թագաւորին բացակայութիւնը, եւ չափազանցեալ կը կարծենք երեք ու կէս ամաց ժամանակով (ՀԵԹ. 44), կամ զամս չորս (ՎԱՀ. 220) երկարել զայն: Այդ միջոցին, անշուշտ, Կոստանդին թագաւորահայր պէտք էր ստանձնէր երկրին կառավարութիւնը, սպարապետ Սմբատ եւ իշխանապետ Լեւոն որդիներն ալ 1106) իրենց պաշտօնները կը շարունակէին: Իսկ պատմիչը Լեւոնն ու Թորոսը կը յիշէ, թէ Հեթում եթող փոխանակ իւր, Կոստանդին թագաւորահօր հետ, որ ծեր գոլով մինակ չէր կրնար գործել, մինչ թագուհին Զապէլ ալ փոխեալ էր առ Քրիստոս (ԿԻՐ. 212): Ըստ այսմ պիտի ըսուի թէ արքայորդիներն եղան թագաւորութեան պաշտօնական խնամակալները իրենց մեծ հօր հետ: Լեւոն 18 տարեկան էր արդէն եւ Թորոս ալ քիչ պակաս, եւ կրնային պաշտօնական դեր վարել: Կոստանդին կաթողիկոս ալ հարկաւ իր մասնակցութիւնը ունեցած պիտի ըլլայ այդ խնամակալութեան մէջ, ինչպէս երբեմն Յովհաննէս կաթողիկոս առաջին խնամակալութեան ատեն 1096): Իսկ Հեթումի ուղեկիցները քիչ եղած չեն, զի իշխանք յոլովք կը յիշուին առանց անունի (ԿԻՐ. 213): Եկեղեցականներէն իրեն հետ եղած են Ստեփանոս եպիսկոպոս, Մխիթար վարդապետ Սկեւռացի, Բարսեղ քահանայ, Թորոս կուսակրօն քահանայ, Կարապետ դրաներէց արքային (ԿԻՐ. 212), եւ Յակոբ վարդապետ մըն ալ (ԿԻՐ. 216), զոր Յակոբ Կլայեցիի հետ նոյնացնելու չենք: Ասոնք որչափ ալ իբր գործունեայ անձեր ընտրուած ըլլան, սակայն անոնց մականունը եւ ինքնութիւնը անծանօթ կը մնայ մեզի, Սկեւռացի Մխիթարէն զատ: Կիրակոս Գանձակեցի պատմիչ, տեղերու եւ անուններու եւ օրերու այնչափ մանրամասնութիւններ կու տայ, որ անձամբ Հեթումի ընկերացած ըլլալուն կասկածը կը զարթնու, եթէ ընկերացողներէն մէկուն մօտ մանրամասնօրէն հետաքրքրուած չըսենք:

1133. ՈՒՂԵՒՈՐԻԼԸ ԵՒ ԴԱՐՁԸ

Հեթում իր ուղեւորութեան առաջին մասը յանծանօթս ուզեց ընել եւ 1254-ին (ՎԱՐ. 148) սկիզբը, առանց զատիկն ալ ընելու, որ այն տարի ապրիլ 12-ին կ՚իյնար, ճամբայ ելաւ փետրուար 4-ին (ՉԱՄ. Գ. 248), գաղտագողի այլակերպեալ զինքն վասն ահին Թուրքաց, որոնք տակաւին ոխս մթերեալ ունէին (ԿԻՐ. 211) սուլտանին ընտանիքը Թաթարներու յանձնելուն համար 1115): Հեթում արագ ընթացքով յաւուրս երկոտասան Սիսէ Կարս հասաւ, Բաչու զօրավարին հետ առաջին տեսութիւն մը ունեցաւ, որուն հետ կանուխ յարաբերութիւն ունեցած էր Իկոնիոնի արշաւանքին առթիւ 1115), առ այլ մեծամեծսն ալ գնաց տեսնուեցաւ, եւ անկէ Վարդենիս գիւղը հանգստացաւ, Արագածի ոտքը, Քուրդ անուն հայազգի իշխանին ապարանքը, որ ամուսնացած էր Մարզպան Մամիկոնեանի դստեր` Խորիշահի հետ, ուսկէ ունեցած էր Վաչէ եւ Հասան որդիները (ԿԻՐ. 211): Հեթում Վարդենիս սպասեց մինչեւ որ հասնին ինչք ի տանէ իւրմէ ի պէտս ընծայից եւ պատարագաց (ԿԻՐ. 212), զորս չէր կրցած մէկտեղ առնել պարտաւորուած ըլլալով ծածկաբար երթալ (ՀԵԹ. 42), եւ զորս հոգացած էին յղել հայր նորա եւ որդիք նորա (ԿԻՐ. 212): Երբոր ամէն բան պատրաստ եղաւ, ինքն եւ իր հետեւորդները Աղուանից աշխարհէն անցնելով, եկան Ճորայ Պահակը, Բաթու զօրավարին մօտ, որուն Մանկուի կողմէ յանձնարարութիւն եղած էր, եւ որուն որդին Սարթախ քրիստոնեայ էր հաւատով: Մայիս 13-ին Բաթուին քովէն մեկնեցան, որ է ըսել թէ փետրուար 16-էն մինչեւ մայիս 13, երեք ամիս Հայաստան մնացած էին, մեծագոյն մասը Վարդենիս, եւ քիչ մըն ալ Բաչուի եւ Բաթուի մօտ: Հարկաւ այդ միջոցին Հեթում մօտէն ծանօթացաւ երկրին վիճակին, որպէսզի լաւագոյն կերպով կարենայ միջնորդել: Բաթուի մօտէն մինչեւ Մանկու խանին ներկայանալնին տեւած է չորս ամիս, Ալեխ եւ Երթիճ գետերն անցնելով եւ յայնկոյս ծովուն Կասպից` Թաթարիստան երկիրը մտնելով: Մանկուի ներկայացած են սեպտեմբեր 13-ին զոր, իբր տօն նաւակատեաց խաչի, կը յիշէ պատմիչը (ԿԻՐ. 213), թէպէտ այն տարին սեպտեմբեր 13-ը կիրակի եւ Խաչվերացի տօն կ՚իյնայ, բայց կ՚երեւի թէ այն կողմեր կը տիրեր Զաքարէ Օրբելեանի ուզած ձեւը` Խաչվերացը հաստատապէս սեպտեմբեր 14-ին տօնելու 1082), կամ թէ Կիրակոս տօնը յիշած ատեն` պարզապէս Յայսմաւուրքին կը հետեւի (ՅԱՍ. Բ. 141): Պէտք է դիտել եւս թէ Կիրակոս հայ եւ հռոմէական ամսաթիւերը Սարկաւագագիր անշարժ տոմարին կարգով համեմատելու սկսած է այդ եղելութեանց առթիւ, որով Սարկաւագադիր կարգադրութեան կիրառութեան մտած են ընդարձակութիւն ստացած ըլլալը կը հետեւի: Մանկու խան երեւելի փառօք նստեալ ընդունեցաւ Հեթումը, որ իր ընծաները ներկայեց, եւ մեծարեցաւ ի նմանէ ըստ արժանւոյն, մնաց յօրդուն, այսինքն բանակին մէջ, ինչպէս կը կոչուէին հին ատեններ արեւելեան արքունիքները (ԲԶՆ. 190), մնաց աւուրս յիսուն, եւ ճիշդ սեպտեմբեր 13-էն հաշուելով յաւուրն յիսներրորդի, այսինքն ի մի նոյեմբերի ել ի նմանէ, եւ ետ դառնալու ճամբան բռնեց:

1134. ԽԱՆԻՆ ՇՆՈՐՀՆԵՐԸ

Հեթումի այցելութեան եւ ստացած յաջողութեան աւետիսը տարօրինակ զրոյցներու առիթ տուած է ժամանակին, եւ որոց արձագանգ եղած է Հեթում պատմիչ, Հեթում թագաւորին եղբոր Օշինի որդին (ՍԻՍ. 337), որ Եւրոպացւոց համար գրելով, չէ քաշուած պարզ զրոյցներ ալ խառնել իր պատմութեան, թէպէտ ինքն այս մասերը իբր ի քեռւոյ իւրմէ լսած յառաջ կը բերէ (ՀԵԹ. 68), իսկ մենք յառաջ կը բերենք իբր պարզ տեղեկութիւն: Այդ զրոյցներու համեմատ Հեթում Մանկու խանի եօթը խնդիր կ՚առաջարկէ 1. Մանկու ինքն եւ բոլոր Թաթարներ քրիստոնեայ ըլլան եւ մկրտուին. 2. Թաթարներու եւ Հայերու մէջ մշտնջենաւոր բարեկամութիւն հաստատուի. 3. Հայեր կարենան բոլոր Թաթարաց երկիրներուն մէջ եկեղեցի շինել, եւ կապալներէ ու տուրքերէ ազատ ըլլան. 4. Թաթարները Երուսաղէմը ու Սուրբ Գերեզմանը Թուրքերէն առնեն եւ քրիստոնեաներուն տան. 5. Թաթարներ Պաղտատի խալիֆայութիւնը ջնջեն. 6. Թաթարները երբոր պէտք ըլլայ Հայոց թագաւորութեան զէնքով օգնեն. 7. Ինչչափ տեղ ու քաղաք, որ Թուրքերը Հայերէն առած են, Թաթարները ետ առնեն եւ Հայերուն տան (ՀԵԹ. 43): Այդ խնդիրներուն մասին Մանկու խան իրեն իշխաններուն հետ խորհրդակցելով պատասխանած կ՚ըլլայ. 1. Ինքն քրիստոնէութիւնը կ՚ընդունի, եւ իրենները կը յորդորէ առանց բռնութեան. 2. Մշտնջենաւոր բարեկամութիւն կը շնորհէ վնասողական եւ պաշտպանողական. 3. Կը հաւանի որ քրիստոնեայ եկեղեցականներ եւ աշխարհականներ մնան ի շնորհս ազատութեան. 4. Երուսաղէմի առումը եւ քրիստոնէից դարձուիլը կը յանձնէ եղբօրը Հուլաւունի. 5. Պաղտատի խալիֆայութիւնը ջնջել կը յանձնէ Պայտօն զօրավարի. 6. Ամէն ձեռնտուութիւն կը խոստանայ Հայերուն. 7. Կը հրամայէ, որ ինչ որ Հայոց էր անյապաղ տացին նոցա անդրէն: Ասոր վրայ Մանկու կը մկրտուի, եւ իրեն հետ տուն նորա, եւ բազում արք եւ կանայք պատուականք եւ մեծամեծք (ՀԵԹ. 44): Մանկուի քրիստոնեայ ըլլալը ժամանակին տարածուած զրոյց մըն էր, եւ Լատիններուն մէջ ալ խօսուած է, մինչեւ իսկ պապական դիւանին մէջ այդ մասին յիշատակներ գտնուիլը կը խօսուի (ԿԱԼ. 387), եւ կը պատմուի եւս Լուդովիկոս Թ. Գաղղիոյ թագաւորին կողմէ այդ առթիւ դեսպանութիւն յղուիլը, գլխաւորութեամբ Գուլիէլմոսի Ռուբրուկեցւոյ եւ Բարթողիմէոսի Կրեմոնացւոյ, որոնք իրենց ապարդիւն ուղեւորութեան տեղեկագիրն ալ մատուցած են 1255-ին: Սակայն աւելորդ զրոյցներէ մերկացնելով ալ Հեթումի այցելութիւնն իր արդիւնքը ունեցաւ: Կիրակոս կ՚ըսէ, թէ Մանկու տուաւ հրովարտակ նշանաւոր, զի մի ոք իշխեսցէ նեղել զնոսա եւ զաշխարհս նորա, եւ ետ գիր ազատութեան եկեղեցեաց ընդ ամենայն տեղիս (ԿԻՐ. 213), Վահրամ ալ կ՚ըսէ, թէ Հեթում եկաւ բանըս սիրոյ եւ գիր առեալ, ապա փառօք յետըս դարձեալ, եւ զբազում գաւառս առեալ (ՎԱՀ. 220):

1135. ՅՈՒՆԱՑ ՀԵՏ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հեթումի բացակայութեան միջոցին, Կոստանդին կաթողիկոս ուզեց օգտուիլ Յոյներու հետ բանակցութիւնը նորոգելու եւ համաձայնութեան մը յանգելու: Թէրեւս Հեթում կապարելապէս Լատիններու կողմը վաստկուած` շատ չէր սիրեր Յոյներու հետ յարաբերութիւնները, որ Կոստանդին Յոյներու հետ բանակցութեան մտաւ, իբրեւ գիտաց, եթէ Հեթում գնաց խաղաղութեամբ եւ դադարեալ է ի Մեծն Հայք, ինչ որ եթէ մէկ կողմէն անվտանգ Կարս հասած ըլլալուն կ՚ակնարկէ, միւս կողմանէ ալ շուտով դառնալիք չըլլալը կը նշանակէ: Բանակցութեան պատուիրակն եղաւ Յակոբ մեծ վարդապետը, այր բանաւոր եւ իմաստուն, զոր առաքեալ էին յառաջագոյն վասն սիրոյ եւ միաբանութեան առ թագաւորն Յունաց Յովհաննէս, որ ունէր զկողմանս Ասիոյ: Արդէն յիշեցինք 1111), առաջին բանակցութիւն մը` Նիկիա նստող Յունաց կայսր Յովհաննէս Վադակէսի հետ, նոյն Յովհաննէսն էր տակաւին Նիկիոյ կայսրը, որուն այն անգամ ալ սոյն այս Յակոբ վարդապետը բանագնաց ղրկուած էր: Յարաբերութեանց կրկնուելուն պատճառը միշտ քաղաքական էր, զի Վադակէս մեծացեալ էր յաւուրսն, եւ կրնար Կիլիկիոյ թագաւորութեան ալ սպառնալ: Իսկ Յակոբ վարդապետը անխտիր Կլայեցի, Սսեցի եւ Տարսոնացի մականուններով կը յիշուի, եւ մենք առաջինը աւելի գործածական կը գտնենք: Նմանապէս Գիտնական եւ Հռետոր մակդիր անուններն ալ կը կրէ, որոնք իր մտաւորական կարողութեան փաստը կը կազմեն: Յակոբ Սիսէ կամ Հռոմկլայէ Նիկիա գալով Յունաց վարդապետներուն հետ վիճաբանութեան մտաւ, որոնց գլուխը կը գտնուէր Մանուէլ պատրիարք: Գլխաւոր նիւթը Քաղկեդոնի եւ բնութեանց խնդիրն էր, որով Յոյներ բամբասէին զմեզ Եւտիքեանս լինել, կրկնելով միշտ դարերէ իվեր իրենց բերնին ծամուց եղած մեղադրանքը: Սակայն Յակոբի դժուար չէր բուն հայադաւան վարդապետութիւնը պարզել, եւ միաւորեալ մի բնութիւն դաւանութեան, Կիւրեղեան եւ ոչ Եւտիաքական սկզբունք մը լինելը համոզել: Պատմիչը կը վկայէ թէ Յակոբ Գիտնական աստուածիմաստ բանիւք եւ գրոց վկայութեամբ հաստատել շինեաց զմիտս նոցա ի սէր եւ ի միաբանութիւն ընդ ազգս մեր, բայց մենք պիտի չկարենանք գործին վերջնական եւ հաստատուն լուծում տրուած ըսել: Վասնզի Յոյներու հակառակութիւնը եւ եւտիքականութեան կարծեցեալ մեղադրանքը այս անգամ ալ չդադրեցաւ, եւ Յոյներ դարէդար միշտ նոյն խօսքերը կրկնեցին, պահանջելով ոչ թէ ուղղափառութեան վրայ կանգ առնել, այլ ամէն կերպով իրենց նմանիլ եւ իրենց հետեւիլ: Ինչ ալ ըլլայ իսկական վերջաւորութիւնը, գոնէ առժամեայ հանդարտութիւն մը տեղի ունեցած պիտի ըլլայ, վասնզի Յակոբ դարձաւ ի նոցանէ պատուով (ԿԻՐ. 212), միեւնոյն գացած տարին, 1254-ին:

1136. ՀԵԹՈՒՄ Ի ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Հեթում Մանկուի քովէն մեկնած էր 1254 նոյեմբեր 1-ին, եւ 30 օրէն հասաւ Ղումոզուր, զոր ի դէպ է նոյնացնել Գարագօրումի հետ, եւ անկէ ալ դէպ հարաւ-արեւմուտք ուղղուելով եւ բաւական երկար, եւ ձմեռնային միջոցին տաժանակիր ուղեւորութեամբ հասաւ Դալաս, Հուլաւունի տեսութեան, որ առեալ էր իւր բաժին զկողմանս, ուր աւելի էին հայութաթար յարաբերութիւնները (ԿԻՐ. 214), եւ Մանկու յանձնարարութիւններ ըրած էր Հուլաւունի, ի նպաստ քրիստոնէից 1134): Կիրակոս շատ մը գետերու եւ քաղաքներու անուններ կու տայ, զորս դժուար է նոյնացնել այժմեան անուններու հետ, եւ տարօրինակ տեսարաններ ալ կը յիշէ նոյն տեղերու մասին, մարդիկ վայրենիք, մերկ եւ անբան, մազ ունելով միայն ի գլուխն, ստինք կանանց մեծ եւ երկայն, ձիք վայրենիք, ջորիք մեծ քան զձի, ուղտք վայրենիք` երկուս կուտկէնըս ունելով (ԿԻՐ. 214), որպէսի բաներ միշտ կը պատմուին երբոր նոր երկրի մը վրայ կը խօսուի: Միջոց մը մնաց Հեթում Հուլաւունի մօտ, ուր հասած պիտի ըլլար 1255-ի տարեգլուխին ատենները, եւ անոր հետ կարգադրեց բարեկամութեան պայմանները (ՍԻՍ. 554), քանի որ նա էր արեւմուտքի կողմը զանաձեւ մեծն ի զօրավարս (ԿԻՐ. 218): Անկէ մեկնած ատեն ուղղութիւնը ի հիւսիս արեւմտից փոխելով Հայաստանի ճամբան բռնեց, հանդիպեցաւ Բաթուի որդի Սարթախ զօրավարին, որ երթայր առ Մանկու զանն, եւ միշտ յառաջելով ու Երասխը անցնելով մտաւ ի Սիսիան կամ Սիսական, որ է Սիւնեաց նահանգը, ուր կը մնար Բաչու զօրավար: Քառասունէ աւելի աշխարհագրական անուններ կը յիշէ Կիրակոս ճամբորդութեան այդ երկրորդ մասին մէջ, որոնց ուղղագրութիւնը ու համեմատութիւնը առեղծուածային աշխատանք մըն է, իսկ հեռաւորութիւններն ալ կատարելապէս չէ յիշած, զի միայն Դիզակէ Սմրղանդ 30 օր, Միանայէ Թավրէժ 12 օր, եւ Թավրէժէ Սիսիան 26 օր կը նշանակէ (ԿԻՐ. 215), իսկ յետ ելանելոյ ի Մանկու զանէն, մինչեւ որ եհաս յերկիրս Հայոց, յութ ամիսն կատարեց կ՚ըսէ, եւ 1255 թուական կը դնէ (ԿԻՐ. 217), որով նոյեմբեր 1-էն կը հասնինք յուլիս 1-ին: Անգամ մը Հայաստանի մէջ` Հեթում երկար դադար մը կ՚ընէ այն տեղ, եւ կը սկսի իր հոգածութիւնը տարածել իր ազգայիններուն, թէ ոչ իբրեւ անոնց թագաւոր, գոնէ այն համարձակութեամբ զոր ստացաւ մեծ խանէն, իբրեւ գլուխ եւ ներկայացուցիչ Հայ քրիստոնէութեան, մանաւանդ թէ բովանդակ քրիստոնէութեան: Իրեն հաստատուն բնակավայր ըրաւ նորէն Վարդենիս գիւղը, Քուրդ իշխանին ապարանքը 1133), եւ ուր թողած էր զաղխ իւր եւ զկարասի, որով եկած էր Կիլիկիայէ, վասն զի անկէ անդին կ՚երեւի թէ ամէն պէտքերը Թաթարները հոգացին, եւ անոր առաջնորդեցին իբրեւ մեծ խանին հիւրը: Վարդենիսէն նորէն ճամբայ հանեց Բարսեղ քահանայն կրկին անգամ Բաթուին երթալու, զի ցուցցէ նմա զգիրսն եւ զհրաման Մանկու ղանին, զի եւ նա ըստ նմին օրինակի գրեսցէ հրամանս` իր իշխանութեան ներքեւ գտնուող Հայաստանի զանազան մասերու զօրավարներուն: Հետեւորդներէն Յակոբ վարդապետը Հայաստան թողած էր ի պէտս գործոյ եկեղեցւոյ, Մխիթար Սկեւռացին ալ Բաթուի հետ տեսնուելէն ետքը ետ դարձուցեր էր, տեսակցութեան հետեւանօք պատշաճ եղած հրահանգները եպիսկոպոսներուն հաղորդելու համար, եւ երկուքն ալ դարձան եկան Հեթումի մօտ: Նաեւ բոլոր եպիսկոպոսք եւ քահանայք եւ իշխանք քրիստոնէից, Հայաստանի ամէն կողմերէն գային առ նա, եւ ինքն սիրով` ընդունէր զամենեսին, տայր պարգեւս եւ ուրախ արձակէր զամենեսին, եւս եւ տայր պարգեւս եւ հանդերձս քահանայականս ի զարդ եկեղեցւոյ, եւ զամենայն ազգաց քրիստոնեայս իր ներկայութեան ընդունելով աղաչէր սիրով կալ առ միմեանս իբրեւ զեղբարս (ԿԻՐ. 216): Ըստ այսմ Հեթում թագաւոր, այր քայցր եւ իմաստուն եւ գիտնաւոր գրովք, կրօնասէր եւ կրօնագէտ եւ բարեպաշտ, աւելի առաքելական եւ հայրապետական զբաղմանց տուած էր ինքզինքը Հայաստանի մէջ, քան թէ քաղաքական եւ իշխանական գործառնութեանց:

1137. ՀԵԹՈՒՄ Ի ԿԻԼԻԿԻԱ

Երբ տակաւին Հեթում Հայաստան կը գտնուէր, 1256-ին սկիզբները մեռաւ Բաթու զօրապետն հիւսիսոյ, իսկ որդին Սարթախ հօրը մահը լսելով ալ` ետ չդարձաւ, եւ Մանկուի մօտ գնաց, ընդ որ յոյժ ուրախացեալ Մանկու իշխանն, զայն հօրը յաջորդ նշանակեց եւ պատուեց իբր երկրորդ իւր, եւ տեղը դարձուց: Սարթախ քրիստոնեայ էր եւ Արղուն տաճկահաւատ, եւ երկու զօրավարներուն մէջ թշնամութիւն կը տիրէր: Հասան Ջալալ, Խաչէնի իշխանը, հազիւ կրցաւ Արղունի ձեռքէն ազատիլ, եւ Սարթախի մօտ պաշտպանուիլ, սակայն Բարաքա եւ Բարքաշա տաճկահաւատ ազգականներ` Սարթախը թունաւորեցին, եւ Արղունի դիրքը զօրացաւ: Օրբելեան կը պատմէ, թէ Արղուն ալ վասն մատնութեան ինչ ամբաստանուեցաւ մեծ խանին առջեւ, եւ թէ Սմբատ երկրորդ անգամ 1132), 1256-ին (ՕՐԲ. Բ. 161) Մանկուի մօտ երթալով Արղունի պաշտպան կայնեցաւ եւ ազատեց, որով զայն իրեն շնորհապարտ ըրաւ, եւ ոչ գիտէր Արղունն եթէ որով պատուեսցէ զՍմբատ (ՕՐԲ. Բ. 160): Նոյն միջոցին Հուլաւուն մեծ զօրավար ուզեց ինքն իջնել Մուզանի դաշտը, Թաթարներուն մեծ ձմերոցը, եւ Բաչու զօրավարի հրաման եղաւ, դէպ արեւմուտք Սելճուքներուն վրայ քալել (ԿԻՐ. 218): Թաթար հրոսակը Կարին, Երզնկա, Սեբաստիա, Կեսարիա եւ Իկոնիոն հետզհետէ զարկաւ մինչեւ Պոնտոսի ծովին եւ Միջերկրեայ ովկիանին եզերքները: Բաչուի բանակին օգնական էր Հեթում թագաւոր, եւ բազում ընծայիւք եւ զօրօք սպասաւորութիւն կատարէր, մինչեւ որ Բաչու բազում զօրօք առաքեաց զնա յերկիր իւր ի Կիլիկիա, ի քաղաքն Սիս, թուղթ գոհութեան եւ գովութեան գրեալ առ Հուլաւուն վասն նորա (ԿԻՐ. 219): Հեթում Սիս հասնելով, 1256 յունիս 5-ին մեծահանդէս մուտք կատարեց, զի երկար բացակայութենէ եւ յաջող ձեռնարկներէ կը դառնար, եւ քիչ մը գործերու եւ հոգերու մտադրութիւն դարձնելէ յետոյ սեպտեմբերին Բարձրբերդ գնաց, յատկապէս իր ծերունի հօրը մօտ մնալու (ՍԻՍ. 554), որ գրեթէ գործէ քաշուելով հանգիստ ընելու իրաւունքը ստացած էր: Քիչ օր ետքը, նոյեմբեր 17-ին, մեծաւ շքեղութեամբ Մամեստիոյ մէջ, Հեթում կատարեց իր անդրանիկ Լեւոնի ձիաւորեցուցանելոյ հանդէսը, որ էր ասպետական աստիճանի բարձրացնելու արարողութիւնը, Արեւմտեայց սովորութեան համեմատ: Կոստանդին թագաւորահայր կը նախագահէր իր քսանամեայ եւ թագաժառանգ թոռին պաշտօնական բարձրացման, ամենայն զարմիսքն եւ ժողովովն (ՍԻՍ. 248), որոնց մէջ էին նաեւ Կոստանդինի աղջիկը Մարիամ եւ ամուսինը` Յոպպէի կոմսը, եւ Հեթումի աղջիկներէն Սիպիլ ու ամուսինը` Անտիոքի Բոյեմոնդոս իշխանը, եւ Ֆիմի ու ամուսինը` Յուլիանոս Սիդոնի կոմսը: Մասնաւոր դեպքերէն անցողակի յիշենք եւս Հեթումի Լեւոն եղբօր մահը 1258-ին, եւ անկէ ետքը Հեթումի մինչեւ Տրիպոլիս երթալը տեղւոյն կոմսին եւ Անտիոքի իշխանին մէջ տեղի ունեցած գժտութիւնը հաշտեցնելու, եւ 1259-ին Տարսոնի մէջ Հոգեգալստեան տօնին օրը` որ կը հանդիպէր յունիս 1-ին, Հեթումի կրտսեր եղբայրներէն Պաղտինի, Գռների վանքին եպիսկոպոս ձեռնադրուիլը Յովհաննէս անունով, իր երէց եղբօր Բարսեղ եպիսկոպոսի ձեռաց ներքեւ կրթուելէ ետքը (ՍԻՍ. 144):

1138. ՀԵԹՈՒՄ Ի ՄԻՋԱԳԵՏՔ

Այդ հանդիսութենէն ետքը պէտք է դնել Հեթում թագաւորին եւ Կոստանդին կաթողիկոսին միասին Միջագետք երթալը Հուլաւունը ողջունելու Եդեսիոյ մէջ, զոր 1259-ին հանդիպած կը նշանակէ պատմիչը (ՎԱՐ. 151), Հուլաւուն նախընթաց տարւոյն մէջ կատարած էր Պաղտատի արշաւանքը, եւ քաղաքը առած բուռն զօրութեամբ: Պաղտատ կը շարունակէր Ապպասեան ամիրապետներուն քաղաքամայրն ըլլալ, ուր 1226-ին Տահէր-Պիլլահէ ետքը իշխանութեան բարձրացած էր Մըսթանսըր-Պիլլահ, 1242-ին իրեն յաջորդած էր Մըսթազէմ-Պիլլահ, լոկ անուանական կամ կրօնական իշխանութեամբ, եւ այս վերջնոյս ամենիշխան փոխարքայն էր Մուհամմէտ Էլքամի, ինքն Ալիեանց պաշտպաններէն եւ հետեւաբար Ապպասեանց ամիրապետութեան ներքին թշնամի: Մանկու խան, Հեթումի կարծեցեալ յանձնարարութենէն աւելի 1134), իրեն ազգատոհմին նախնական նպատակին հետեւելով, Հուլաւուն եղբօրը յանձնարարած էր վերջ տալ Պաղտատի ամիրապետութեան, եւ նա թէ իր զինուորական ոյժով եւ թէ Էլքամիի կամակցութեամբ 1258 փետրուար 5-ին, իր դրօշը կանգնած էր Պաղտատի աշտարակներուն վրայ, եւ Մսթաղէմ անձնատուր ըլլալու ստիպուած, զոր առաջ բանտարկել, եւ քանի մը օր ետքը փետրուար 10-ին բանտին մէջ սպաննել տուած էր (ՎԵՐ. 150. ԿԻՐ. 223): Ահեղ եւ ահռելի եղաւ Պաղտատի կոտորածն ու կործանումը, եւ միայն ապրեցան քրիստոնեայք որ կային անդ (ՎԱՐ. 150), եւ այն Հուլաւունի Տօղուզ տիկնոջ բարեխօսութեամբ: Տօղուզի համար գրուած է թէ քրիստոնեայ էր նեստորական աղանդէ, բայց դաւանական տարբերութեանց անտեղեակ` անխարդախ սիրով մեծարէր զամենայն ազգ քրիստոնեայ, եւ Հուլաւունի հաւանութեամբ, շարժական եկեղեցի եւ քահանաներ եւ պաշտօնեաներ կը շրջեցնէր բանակին հետ, որոնք ի ձայն ժամհարի պաշտամունք կը կատարէին: Տօղուզի միջնորդութեամբ շատ անգամ քրիստոնեաներ Հուլաւունէ ազատութիւն եւ խաղաղութիւն կը ստանային (ՎԱՐ. 149): Պաղտատէ ետքը նշանաւոր եղաւ Մուֆարզինի առումը, որուն սուլտանը երկար պաշարման դիմացաւ, բայց Հուլաւուն այնչափ նեղեց, որ պաշարեալներ մինչեւ իսկ զանսուրբ անասունս, եւ ապա զաղքատսն, ապա զծնունդս իւրեանց ուտել ստիպուեցան (ՎԱՐ. 150), բայց քաղաքը վերջապէս գրաւուեցաւ 1259 տարւոյ մեծպահքի միջոցին, եւ մնացեալներն ալ կոտորուեցան (ԿԻՐ. 226): Այդ պաշարման միջոցին Հուլաւունի բանակները ամէն կողմ ցրուած` աւերածներ կը հասցնէին, եւ բռնի հարկահաւաքութեամբ ժողովուրդը կը նեղէին: Իսկ Հայոց թագաւորին եւ կաթողիկոսին Միջագետք երթալը, ոչ միայն պարտաւորութեան արդիւնք էր, այլ եւ քրիստոնէից մասին դիւրութիւններ ստանալու պիտի ծառայէր: Զի եթէ մեր պսակաւորն Հեթում մէկ կողմէ Հուլաւունի կ՚օգնէր Եգիպտացւոց դէմ, եւ ընդ նմա էր յառնուլ զամենայն աշխարհն Շամայ, իմա' Ասորիքը, միւս կողմէն արդիւնաւոր կ՚ըլլար ազատելով ի մահուանէ զքրիստոնեայսն, զեկեղեցականս եւ զաշխարհականս (ՎԱՐ. 151): Չենք գիտեր թէ Հեթում կը յուսար արդեօflք, որ Հուլաւուն մինչեւ Երուսաղէմ ալ յառաջէ. բայց սա պարտաւորուեցաւ ետ դառնալ, զի Մանկու խանին մահուան լուրը եկաւ, եւ ինքն յաջորդութիւնը ձեռք ձգելու փութաց, Քիթրուզա զօրավարին յանձնելով նոր գրաւուած տեղերու պահպանութիւնը: Իսկ Հեթում Կիլիկիա կը դառնար, կաթողիկոսն ալ միասին: Սակայն Եգիպտոսի սուլտանը առաւելագոյն զօրութեամբ կը յարձակէր միւս տարին 1260-ին (ԿԻՐ. 228), եւ Թաբորի ճակատամարտին մէջ յաղթական կ՚ըլլար, եւ փախստական Թաթարներ Կիլիկիա կ՚ապաւինէին, ուր Հեթում զիրենք կը հոգար, եւ հանդերձ եւ երիվար եւ ռոճիկ տալով առ տէրն իւրեանց կը դարձնէր, ինչ որ Թաթարներու աչքին կը բարձրացնէր Հեթումի եւ Հայերուն պատիւը (ՎԱՐ. 152):

1139. ԶԱՆԱԶԱՆ ԴԻՊՈՒԱԾՆԵՐ

Հուլաւուն խան յաջողած էր մեծ խանութիւնը ձեռք անցընել, թէպէտեւ անդադար պատերազմի վրայ ըլլալով ընտանեկան շրջանակի մէջ ժառանգական վէճերով (ԿԻՐ. 231), որ 1259-էն մինչեւ 1265, մինչեւ Հուլաւունի իշխանութեան վերջը տեւեցին: Այդ պատճառով մեծամեծ արշաւանքներ տեղի չունեցան Թաթարներու կողմէն, բայց պակաս չեղան Ասորիքի կողմերը Եգիպտացիներուն եւ Թաթարներուն պատերազմները, որոնց ստիպեալ մասնակցեցան Հայերն ալ` իբր Թաթարներու դաշնադիր նիզակակիցներ, ինչ որ միւս կողմէն կ՚աւելցնէր Եգիպտացիներուն թշնամութիւնը Հայերուն դէմ: Մեր նպատակէն դուրս կը մնայ մանրամասնութիւններ տալ, որոնց մէջ յիշատակութեան արժանի են Անտիոքի պաշտպանութիւնը Եգիպտացիներուն դէմ 1262-ին, Այնթապի վրայ կրկին յարձակումները 1263-ին, եւ Բերիոյ աւարառութիւնը նոյն տարին: Իսկ ներքին պարագաներէն, պիտի յիշենք 1262-ին վերջերը թագաժառանգ Լեւոնի ամուսնութիւնը ապստամբ Կոստանդին Լամբրոնացիի որդւոյն Հեթումի դստեր Աննայի հետ, 1263-ին արքայաքոյր եւ Յոպպէի կոմսուհի Մարիամի մահը, 1264 դեկտեմբեր 26-ին թագաւորեղբայր ու Կոռիկոսի իշխան Օշինի մահը` Պտղոմայիսէ պապական նուիրակին տեսութենէ դառնալէն ետքը: Կը յիշուի եւս թէ 1263 ամառուան Հեթում նոր ճամբորդութիւն մը ըրած ըլլայ մինչեւ Ատրպատականի Դավրէժ քաղաքը, Հուլաւունի հրաւէրին համեմատ եւ անոր ինքնակալութիւնը մեծարելու դիտմամբ (ՍԻՍ. 554), բայց այդ մասին մանրամասնութիւններ կը պակսին, եւ ամէն պատմագիրներն ալ զայն չեն յիշեր:

1140. ՊԱՊԻՆ ՆՈՒԻՐԱԿԸ

Պապական նուիրակ մը Արեւելք կը հասնէր Կոստանդին կաթողիկոսի 42-րդ տարին (ՍԿԵ. 7), որ կը պատասխանէ 1263-ին: Կոստանդին բաւական սեպած էր Ասորւոց ծովեզերեայ քաղաքները գտնուող Հայերուն յանձնարարել, որ նուիրակին պատիւ ցուցնեն անցած ատենը, իսկ սա նույն իսկ կաթողիկոսին գալուն սպասելով (ՍԿԵ. 10), մերժած էր Հայերու այցելութիւնները, եւ գանգատած էր Օշին արքայեղբօր` որ Հեթումի կողմէն կը ներկայանար ինչպէս յիշեցինք: Ասոր վրայ, ըստ բնական բարուց ազգիս մերոյ, զայլս բարձրացուցանողաց եւ զինքեանս նուաստացուցանողաց (ՍԿԵ. 8), որոշուեցաւ Մխիթար Սկեւռացիին պատգամաւորութիւնը, որ յանձն առաւ այն պայմանով, զի հնազանդութեան անուն բնաւ մի յիշեսցի, եւ ընկերներու հետ ծանրանաւեալ, եւ Երուսաղէմի Հայ եպիսկոպոսն ալ միասին առնելով Պտղոմայիս հասաւ ի յելն դեկտեմբերի ամսոյ, ուր նուիրակը ցասման նշաններ կը ցուցնէ գրութիւնն ու ընծաները մերժելով, եւ Մխիթար ու ընկերներ հազիւ կրնան զայն ողոքել (ՍԿԵ. 10): Իսկ յաջորդ 1264 յունուարի առաջին օրերը, իբրեւ տօն ընդմիջեցաւ, տեղի ունեցան այն վիճաբանութիւնները (ՍԿԵ. 12) զորս յետոյ Մխիթար գիրի առած է: Նոյն ատեններ Եգիպտացիներ հետզհետէ աւելի կը զօրանային Ասորիքի մէջ, ինչ որ վտանգ կը սպառնար Անտիոքի եւ ուրիշ Լատին իշխանութեանց, որոնք Երուսաղէմը կորսնցնելէ ետքն ալ կը մնային, գլխաւորապէս ծովային քաղաքներու մէջ, ինչպէս էին Պտղոմայիս, Տրիպոլիս, Սիդոն եւ Յոպպէ: Ասոնք մեծ յուսադրութիւններ ունէին Հայոց թագաւորութեան վրայ, որ կարեւորագոյն քրիստոնեայ իշխանութիւնն էր Արեւելքի մէջ, եւ փոխադարձ ամուսնութիւններով ալ անոր պաշտպանութիւնը ապահովել կ՚աշխատէին: Կղեմէս Դ. պապն ալ, որ Իննովկենդիոս Դ-ի յաջորդներէն` Աղեքսանդր Դ-է եւ Ուրբանոս Դ-է ետքը աթոռ բարձրացած էր 1265-ին, իր նախորդներուն նմանողութեան նորէն խաչակրութիւն մը կը խորհէր պատրաստել, Լատիններու պաշտպանութեան եւ Երուսաղէմի առման նպատակով, եւ իբր սկզբնաւորութիւն եւ նախապատրաստութիւն Հեթումի կը գրէր յուլիս 26-ին, որ օգտակար եղիցիս խրատիւ եւ օգնութեամբք ի դիպուկ ժամանակի (ԿԱԼ. 389):

1141. ՎԱՐԴԱՆ ԽԱՆԻՆ ՄՕՏ

Հեթումի նորէն գործի ձեռնարկելը եւ թշնամութեանց կրկին գրգռուիլը չպատմած, պէտք է յիշենք Վարդան վարդապետին Հուլաւունի ներկայանալը, զոր ինքն իսկ նկարագրած է հետաքրքրական մանրամասնութիւններով (ՎԱՐ. 155-161): Հուլաւուն ուզած պիտի ըլլայ Հայոց վարդապետներէն գլխաւոր մը անձամբ ճանչնալ, որ Շնորհաւոր անուն փառաւորելոյ առն ձեռքով իրեն մօտ հրաւիրեց Վարդան Արեւելցին, որ ժամանակին վարդապետներէն նշանաւորագոյնն էր: Վարդանի ընկերացան Սարգիս եւ Գրիգոր վարդապետներ, եւ Տփղիսի աւագերէց տէրտէրն, զորս Շնորհաւոր տարաւ իւրով ծախիւք եւ գրաստիւք: Վարդան հաւանաբար մեկնեցաւ իր Կայանի վանքէն 1124), այլ թէ ուր հանդիպեցաւ Հուլաւունի որոշ չի գրեր, բայց պէտք է պաշտօնական քաղաքին մէջ եղած ըլլայ, զի Թաթարներուն տարեմուտի հանդէսին ներկայ եղած է, որ կը հանդիպէր 1264 յուլիսին, եւ Հայոց 713 արացին, իսկ արացը շարժական տոմարով կը սկսէր յունիս 13-ին, որով յուլիսի առաջին եւ արացի վերջին օրերուն կ՚իյնայ Թաթար ամանորը, Խուռուլթա կամ Գուրելթայի կոչուած, որ ամէն համախումբ աշխարհատօներու անուն ալ եղած է: Տօնը իբր լուսին մի կը տեւէ եղեր մեծ շուքով, եւ ամենեքին նոր զգեցեալ, եւ թագաւորք եւ սուլտանք նուէրներ ղրկած են եղեր, եւ յանուանէ կը յիշէ Հայոց Հեթում եւ Վրաց Դաւիթ թագաւորներուն եւ Անտիոքի Լատին իշխանին ընծաները: Հուլաւուն թող չտար, որ Վարդան երկրպագութիւն ընէ, գիտնալով թէ արքաւունք կամ քրիստոնեայք Աստուծոյ միայնոյն կը պահեն այդ ձեւը: Հուլաւունի առաջին յայտարարութիւնը կ՚ըլլայ, կոչել եմ զքեզ որ տեսանես զիս եւ ճանաչես, եւ ի սրտաց աղօթես վասն իմ, եւ իր խմելու գինին ալ վարդապետին օրհնել կու տայ: Եղած խօսակցութեան մասին Վարդան կ՚ըսէ. Աւելորդ է զամենայն գրել, շատ խօսեցաւ, եւ կը պատմէ, թէ շարականներ երգեցին, նոյնը ըրին հոն եղող Վրացիներ, Ասորիներ ու Հոռոմներն ալ, բայց միշտ առաջին պատիւը Հայերուն է եղած: Հուլաւուն Վարդանի հետ առանձին խօսակցութեանց ալ մտած է բարոյական կէտերու վրայ, եւ Վարդան պատշաճ խրատներ տուած է, ի քո դրունս հէնց մարդ կացս` որ յԱստուծոյ երկնչի եւ զքեզ սիրէ, կուրանայ ո'չ կաշառօք, եւ քեզ ասէ զիրաւն: Քրիստոնեաներու վրայ խօսելով, Վարդան վստահացուցած է, թէ Ամէնոյ սիրտ քեզ լաւ է, եւ քեզ աղօթք են առնում, եւ Հուլաւուն ըսած է. Մենք Քրիստոնէասէր ենք եւ քրիստոնէութիւն կայ ի մեր տանս: Արդէն ալ յիշեցինք Տօղուզ տիկինը 1137): Տեսնելով որ Վարդան ոչխարէնի էր հագած, կ՚ուզէ անոր ոսկի զգեստ եւ շատ ոսկի տալ, բայց Վարդան պատճառելով թէ աբեղայ է, կը խնդրէ միայն ողորմութիւն ի վերայ աշխարհի: Բայց Հուլաւուն իրեն պզտիկութիւն կը սեպէ առանց նուէրի ճամբել, ուստի անոր կ՚ընծայէ երկու հանդերձ իրեն յարմար եւ բալիշ մի ոսկի, եւ շնորհքներու հրովարտակ մըն ալ կու տայ, աւելցնելով, թէ զինչ քո սիրտդ պիտի աւելի` զայն ալ գրել տուր: Իսկ ոսկի բալիշը տափարակաձեւ ձոյլ ոսկի մըն էր, ի չափ թզոյ միոյ եւ կշեռ լտեր միոյ (ՕՐԲ. Բ. 170), որ Թաթարներուն համար ամէնէն մեծ պատիւն էր: Վարդան բաւական երկար կը մնայ խանին մօտ, զի տակաւին հոն է եղեր 714 ամանորին, որ կ՚իյնար 1265 յունուար 14-ին, եւ հարկաւ գարունին պարտաւոր էր սպասել դառնալու համար, եւ ճիշդ այդ միջոցին փետրուարի մէջ Հուլաւուն կը մեռնի, եւ Վարդան կը դիտէ, թէ կատարեցաflւ, այն Աստուած գիտէ, զի համբաւեցին նախ թէ դեղով եւ հնարիւք սպանին, եւ յետոյ ծածկեցին զզրոյցն, եւ այս կասկածը ծագած է հիւանդութեան ատեն գործածուած կախարդական հմայքներէն: Թիւնաւորուելուն խօսքը ուրիշներ ալ կ՚ընեն, եւ կ՚ամբաստանեն Խոջա անուն դիւանապետը, որ էր գլուխ եւ վերակացու ամենայնին, թէ դեղակուր ըրաւ Հուլաւունը, ինչպէս յեիոյ Տօղուզ տիկինն ալ (ՕՐԲ. Բ. 165): Տօղուզ ուզած է պատարագ առնել տալ Հուլաւունի համար, որուն Ասորիներ հաւանած են, այլ Վարդան դիտողութիւն է ըրած, եւ յանձնարարած է ողորմութիւն եւ հարկաց թեթեւութիւն առնել: Հուլաւունի յաջորդած է որդին Ապաղա, եւ երեք ամիս ետքը Տօղուզ տիկինն ալ վախճանած է, բայց Թաթար արքունեաց մէջ քրիստոնէից պաշտպան մնացած է Թուխթանի տիկին, Տօղուզի ազգական մը: Նոյն իսկ Ապաղա քրիստոնեայ կին առած է, Յովհաննէս Վադակէսի կամ ըստ այլոց Միքայէլ Պալէոլոքի` Դեսպինա աղջիկը (ՎԱՐ. 161): Իսկ Ապաղայի մկրտուիլը Երզնկայի եպիսկոպոս Սարգիսի ձեռօք եւ այնպէս պսակուիլը (ԿԻՐ. 234), պարզ զրոյց մըն է, եւ Հեթում պատմիչ Ապաղայի քրիստոնէանալն ալ կը հերքէ (ՀԵԹ. 51): Վարդան ետ եկած է տարի մը տեւող ուղեւորութենէ վերջը: Զանց կ՚ընենք քաղել Վարդանի Թաթարներուն վրայ տուած ծանօթութիւնները, որոնք բաւական հետաքրքրական են ազգաբանական ուսումասիրութեանց համար (ՎԱՐ. 160):

1142. ՄԱՌԻԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ

Կղեմիս Դ պապին յորդորը, եւ Հուլաւունի մահուան վրայ Եգիպտացւոց քաջալերուիլը, եւ Լատին ու Հայ իշխանութեանց սպառնալը, պաշտպանութեան պարտաւորեցին Հեթումը, եւ հարկ եղաւ որ անձամբ երթայ Թաթար զօրավարին հետ տեսակցելու, եւ պատերազմին կարգադրութիւններն ընելու: Վահրամ կ՚ըսէ թէ Հեթում ինքն առ Մուղալն յուղի անկեալ գնաց, այսինքն Մուզալներու կամ Մոնկոլներու զօրավարին, բայց չենք կարծեր թէ մինչեւ Մուզալի դաշտը գացած ըլլայ, այլ միայն արեւմտեան բանակին հրամանատարէն օգնութիւնս առեալ դառնալու համար: Բայց Փնդուխդարի կամ Պիյպարսի զօրավարը փութաց` Թաթար բանակը չհասած գործը աւարտել: Նախ ի յԱնտիոք մեծըն հասեալ, եւ զնա հրոյ ճարակ տուեալ, անկէ ի Կիլիկիա ուղեւորեալ Հեթումի դէմ եկաւ, այլ մինչդեռ չէր նա ժամանեալ, պատերազմը սաստկացուց եւ Հայոց բանակը ցրուեց (ՎԱՐ. 223), նոյնիսկ Սիս քաղաքն ալ գրաւեց, եւ աւերմամբ եւ հրով քակեալ քանդեց, եւ հրաշագեղ տաճարն այրեալ աւերեց, եւ այնպէս յաշխարհն իւրեանց անդրէն դարձեալ գնաց (ՎԱՐ. 224): Հեթումի բացակայութեան Լեւոն եւ Թորոս արքայորդիներ պատերազմին կը հրամայէին, բայց Թորոս սպանուեցաւ եւ Լեւոն գերի ինկաւ: Եգիպտացիք հնգետասան օր յամելով Կիլիկիոյ մէջ, եւ ամէն կողմ լնլով աղետիւք, ետ դարձան աւարաւ եւ գերութեամբ քառասուն հազարաւ, Լեւոն արքայորդին ալ մէկտեղ տանելով (ՎԱՐ. 163): Աւարին մէջ եղած կ՚ըլլայ արքունական գետնափոր գանձին պարունակութիւնն ալ, որ վաթսուն հարիւր հազար կարմիր գրուած է, եւ վեց միլիոն ոսկի ըսել կ՚ըլլայ, զոր եթէ չափազանցուած սեպենք, աւարը միշտ մեծագումար կ՚ըլլայ, եթէ վեց հարիւր հազար ալ կարդացուի, ինչպէս ոմանք ուզած են ուղղել (ՎԱՐ. 162): Պատերազմը տեղի ունեցաւ Մառի կոչուած կապանին ներքեւ, Ամանոս կամ Սեաւ-Լերանց ստորոտը, 1266 տարին, մերձ յաշնան եղանակն (ՎԱՐ. 162), որ ըսել կ՚ըլլայ սեպտեմբերի մէջ, քանի որ Եգիպտացւոց Կիլիկիա մտնելը օգոստոս 3-ին (ՍԻՍ. 401), կամ 12-ին կը նշանակուի (ԿԱԼ. 390): Յայսմաւուրքը յունուար 23-ին կը դնէ Թորոսի սպանութիւնը (ՅԱՍ. Ա. 47), որ դժուարաւ կը համաձայնի վերոյիշեալ տեղեկութեանց, նոյնիսկ եթէ շարժական տոմարի վերածենք, զի արացի 16-ը կը պատասխանէ 1266 յունիս 28-ին: Երբոր Հեթում Կիլիկիա դարձաւ, աւերածին եւ կոտորածին ականատես լինել պարտաւորուեցաւ, եւ թէպէտ լացեալ եւ սգացեալ էր, այլ ի յուսոյ ոչ պակասեալ` սկսաւ ամէնը մխիթարել, ամէնուն օգնել, աւերածը վերաշինել, կարօտեալները յանձանձել, գերիները գնելով ազատել, եւ արիութեամբ մեծաւ լցեալ` աղէտին դարմանը հոգալ (ՎԱՐ. 225): Ինչ որ աւելի ծանր էր, Թաթարներուն դանդաղութիւնն էր, զի Ապաղա վասն մարտին ընդ սահմանակիցս. հրաժարեաց յոլովակի Եգիպտացւոց դէմ ելլայ (ՀԵԹ. 52): Այդ տխուր կացութիւնը տեւեց բաւական ժամանակ, եւ ամ մի եւ տասն ամիս տեւեց Լեւոնի գերութիւնը (ՎԱՐ. 226), եւ Վարդան, որ այդ միջոցին կը փակէ իր պատմութիւնը, իրաւունք ունեցաւ հառաչանօք գրել, կամք շնչարգել եւ յերերման (ՎԱՐ. 163): Հեթում վերահաս աղէտին մասին փութացած էր Կղեմէս պապին ալ գրել, քանի որ առաւելապէս անոր յորդորներն էին եղած տառապանքին շարժառիթները, Եգիպտացւոց զայրոյթը գրգրռելով, եւ պարտ ու պատշաճ օգնութիւնը պահանջած էր պապէն, որ միայն յուսադրութեան եւ մխիթարութեան գիր մըն էր ուղղած տարի մը ետքը, 1267 մայիս 17-ին, Հեթումի արդիւնքներն ալ յիշելով, թէ ազատեց բազում անգամ զլատինական ժողովուրդն, Անտիոքի օգնեց, ընդդիմացաւ թշնամեաց սուրբ խաչին, եւ սիրեց զբարեկամութիւն Ֆրանկաց (ԿԱԼ. 392): Սակայն, դժբախտաբար, այդ բարեկամութիւնն էր, որ աղէտը հրաւիրեց, այլ դարմանը չպատրաստեց:

1143. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՄԱՀԸ

Կոստանդին կաթողիկոս ալ խառնած էր անշուշտ իր ձայնը Հեթումի աղաչանքներուն, յոյս դնելով Արեւմուտքին զօրութեան եւ քրիստոնէութեան վրայ, բայց նա պապին պատասխանն ալ լսելու չհասաւ: Վասնզի քիչ օր առաջ կնքած էր նա իր բազմօրեայ կեանքը եւ երկարամեայ պաշտօնավարութիւնը. 1267 ապրիլ 9-ին, որ շարժական տոմարով կը համեմատի 716 սահմի 26-ին, եւ օրն ալ շաբաթ, Ղազարու յարութեան յիշատակ, ի կատարման քառասներորդաց աղուհացիցն, ինչպէս ամենայն ճշդութեամբ կը նշանակէ Վարդան (ՎԱՐ. 163), միշտ շարժական տոմարը գործածելով, մինչ Կիրակոս սկսած էր անշարժ տոմարով թուականներ դնել 1133): Կոստանդին Բարձրբերդցի 1220 ամառէն մինչեւ 1267 գարուն, քիչ օրերու տարբերութեամբ, 47 լրացեալ տարիներ հայրապետական աթոռին վրայ մնաց, մինչեւ վերջին վայրկեանը իրական եւ գործնական պաշտօն վարելով: Իրմէ աւելի երկարատեւ հայրապետութիւն վարողներ եղան միայն Գրիգոր Պահլաւունի 1113-էն 1116, եւ Սահակ Պարթեւ` 387-էն 439, եւ յիսնամեակներ լրացուցին, սակայն Գրիգոր շատ երիտասարդ աթոռ բարձրացած էր, եւ Սահակ մի մեծ մասը վտարանդի եւ պաշտօնէ հեռու անցուց: Որչափ ալ Կոստանդինի հայրապետութեան առաջին ժամանակները համեմատաբար խաղաղ էին, սակայն վտանգները անպակաս եղան եւ դժուարութիւնները շարունակ, այնպէս, որ իրաւամբ գրուած է իրեն համար, թէ կրակից եւ վշտակից եւ սգակից եղաւ ազգիս ի մեղսաբեր եւ ցասմնահար դարուս (ՎԱՐ. 163), այլ շատ աւելի դառն եղաւ վերջին տարին Փնտուխտարի արշաւանքովը եւ Մառիի ճակատամարտին ձախողութեամբը, որոնք մերձ բերին զօրհաս նորա, եւ արարին տագնապիլ ստիպման շնչոյն (ՎԱՐ. 164): Կոստանդին լոկ իր ձիրքերով ընդ ամենայն աստիճանս յառաջանալով բարձրացաւ, իր արդիւնաւորութեամբը ամենեքումք հաճոյացեալ եղաւ, եւ յամենայն ազգաց, եւ լեզուաց վկայեալ սիրուեցաւ: Իրաւ, ոչ ինքն իւրովի մեծագործ բան մը կատարեց, եւ ոչ ալ իր ետեւէն գրական երկասիրութիւն մը թողուց, որով գերազանց հանճարի մը առհաւատչեայն տուած ըլլար, սակայն հաւատարիմ կանոնաւորութեամբ, հաստատուն ուղղութեամբ, աչալուրջ արթնութեամբ եւ անվկանգ տոկունութեամբ 47 ամբողջ տարիներ պաշտօնի գլուխ գտնուիլ, եւ իր մասին մեղադրանքի կամ բամբասանքի առիթ տուած չըլլալն ալ, բացառիկ արժանիք կազմող պարագաներ են, զոր պէտք է համարձակ վկայէ պատմութիւնը Կոստանդին Բարձրբերդցիին նկատմամբ:

1144. ԻՐ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆԸ

Կրօնական եւ եկեղեցական խնդիրներու մասին պահած ուղղութիւնը զիջողական եղաւ, եւ օտար եկեղեցիներու հետ բարեկամական, ինչպէս որ պատմուած եղելութիւններն ալ ցուցուցին, իրեն համամիտ ընկեր ունենալով այդ մասին Հեթում թագաւորը, եւ թերեւս երկուքն ալ միասին Կոստանդին թագաւորահօր ազդեցութիւնը կրելով: Սակայն իրերը մօտէն քննած ատեննիս ուրիշ բան չենք տեսներ, բայց եթէ անպայման հաւատք մը Լատին աշխարհքին զօրութեան եւ կարողութեան վրայ, եւ հաստատ համոզում մը Լատին աշխարհքին մէջ պապին վայելած գերիշխանութեան վրայ: Երկրորդը իրականութիւն էր, իսկ առաջինին մէջ իրական կարողութեան հետ գործնական կամեցողութիւնը չկար, բայց այդ կէտը Հայոց թագաւորին եւ Հայոց կաթողիկոսին մտադրութեան առարկայ չեղաւ, մինչ պէտք էր նախապէս այդ կէտը ապահովել եւ երաշխաւորել: Ասոնք իրենց համոզման հետեւելով` ուզեցին շոյել ու գգուել պապին անձնասիրութիւնը, չլսելու զարնել անոր խրոխտ բացակայութիւնները, կողմնակի կերպերով գլել ելած դժուարութիւնները, առանց ստորնանալու: Այդ կէտին մէջ մեղադրելի բան չենք տեսներ Կոստանդինի եւ Հեթումի վրայ: Պապին ուղղուած նամակներուն մէջ քիչ մը աւելի մղուած շողոքորթ բացատրութիւններ, ոչ հաւատոյ դաւանութիւն կը կազմէն, եւ ոչ վարդապետական դրութիւն, եւ եթէ անոնք քիչ մը աւելի առատացան, երբեք այդ պատճառով հայադաւան եկեղեցին իր սկզբունքէն չեղած չըլլար: Անտիոքի պատրիարքներուն յաւակնութիւնը Դաշանց Թուղթին պատրուակով տկարացնելնին 1110), աւելի ճարտար քաղաքագէտի գովեստ կը կազմէ, քան թէ դիմացինին հանդէպ ստորնացում: Իսկ Լատիններու հետ յարաբերութեան միջոցին անոնցմէ եկեղեցականպէս անջատուած Յոյներուն հետ բանակցութեան մտնելնին 1111), եւ կաթողիկոսին զայն երկրորդելը 1135) յատնապէս կը ցուցնէ թէ երկուքն ալ լատինականութենէ կը խորշէին: Իսկ Եւ յՈրդւոյ-ի 1130), եւ Սուրբ Աստուած-ի, եւ հիւանդաց իւղին խնդիրներուն 1123) մասին` բաւական խօսեցանք իրենց կարգին, թէ երբեք Հայեր Լատիններու համակերպութիւնը չեն ընդունած, որով Կոստանդինը հռոմէադաւան նկատելու բնաւ փաստ չեն ըլլար, եւ իր լատինասիրութիւնն ալ չափաւոր ասիճանի մը մէջ կը պահեն: Ստոյգ է որ Պահլաւունիներու ժամանակին յարաբերութիւնները, Բարձրբերդցիին ժամանակ աւելի զորացան, եւ ընդարձակուեցան բայց չունեցան այն աստիճանը, զոր հռոմէադաւաններ կը փափաքին տալ անոնց, եւ չհասան այն կէտին որ աւելի ետքի ժամանակներու մէջ տեսնուեցաւ: Թերեւս յետիններուն քաջալերութիւն տուած եղան` աւելի ընդարձակելով յարաբերութեանց դուռները, սակայն մենք առ այժմ կը բաւականանանք շեշտել, թէ Կոստանդին Բարձրբերդցիին եւ Հեթում Առաջինին ժամանակ գործեր օտարացեալ աստիճանին հասած չէին:

1145. ՎԱՆԱԿԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ

Համաձայն մեր հետեւած ոճին, անցնինք քանի մը համառօտ տեղեկութիւններ տալ ժամանակին նշանաւոր անձնաւորութեանց վրայ: Առաջին այդ շարքին մէջ կը ներկայանայ Յովհաննէս Վանական վարդապետը, որուն նախընթացը ցուցուցինք, եւ գերութիւնը պատմեցինք 1114), եւ Հոգւոյն Սրբոյ խնդիրին մասնակցութիւնը յիշեցինք 1128), եւ որ իր կեանքին մնացորդը անցուց Խորանաշատ վանքը մինչեւ իր մահը, որ տեղի ունեցաւ 1251 մարտ 18-ին, որ ըստ նոր եղանակի ճշմարտութեան, այսինքն ըստ Սարկաւագադիր անշարժ տոմարին կը համեմատի յարեգ ամսոյ տասն (ԿԻՐ. 199), մինչ ըստ շարժական տոմարին պիտի համեմատէր հոռի 30-ին: Յայսմաւուրքը յունուար 29-ին կը դնէ Վանականի մահը, 70 տարեկան հասակին մէջ (ՅԱՍ. Ա. 56), որ պատմիչներուն գրածին չհամաձայնիր, նոյնիսկ շարժական տոմարի վերածելով, զի արացի 22-ը, 1251-ին կը հանդիպէր Յուլիս 8-ին: Վանականի պատմութիւնը դեռ երեւան ելած չէ, իրեն վերագրեալ մեկնութիւններուն մասին կասկածներ կը յայտնուին, իսկ ճառընտիրներու եւ հաւաքածոներու մէջ բաւական գրութիւններ կը գտնուին իր անունով: Այս կարգէն են երկու հատուածներ, որոնց մէջ կը խօսուի Հայոց Առաջին Լուսաւորիչներուն եւ անոնց հետեւողներուն վրայ (ԹՂԹ. 533-536): Հիմնաւոր եւ կանոնաւոր տեղեկութիւններ չեն տրուածները, գուցէ Վանականի վաւերական գրութիւններ ալ չեն: Մեզի բաւական ըլլայ դիտել, թէ Հայոց Թադէոսին` Յուդա Թադէոս կամ Թադէոս Ղեբէոս ըլլալը, զոր իր կարգին պաշտպանեցինք 6-7), շատ կանուխէն ալ ազգին ծանոթ կէտ մըն էր: Վանականի յաջորդութիւնը, բաժնուեցաւ իր մահուանէն ետքը, Խորանաշատի առաջնորդութիւնը ստանձնեց իր եղբորորդին Պօղոս վարդապետ, իսկ ուսուցչութիւնը` իր ազգականներէն Գրիգորիս վարդապետ (ԿԻՐ. 200):

1146. ՎԱՆԱԿԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ

Վանականի աշակերտներուն գլխաւորն է Վարդան վարդապետ Արեւելցին, զոր յիշեցինք կաթողիկոսին մոտ գալուն 1117), եւ իբր կաթողիկոսական պատուիրակ Հայաստան երթալուն 1118), եւ Հուլաւունի այցելելուն առթիւ 1141): Կեանքին մնացորդը մնաց գլխաւորապէս Կայէնի ու Վիրապի ու Թեղենեաց վանքերը, Սաղմոսավանք ալ ատեն անցուց (ՍԻՍ. 102), եւ վերջապէս Հաղբատ երթալով մեռաւ 1271-ին: Վարդանէ մնացած գործեր շատ աւելի են, վասն զի պատմութենէն զատ` ուսկից այնչափ օգտուեցանք, եւ առարկաներէն զատ` որ այնչափ նշանաւոր են իրենց նորութեամբը, ունի զանազան մեկնութիւններ Սաղմոսի, Դանիէլի, Հնգամատեանի եւ Երգոց-երգոյն, եւ շատ մը ճառեր եւ մանր գրուածներ, թէպէտ ոմանց մասին երկբայութիւններ կը յարուցուին: Վարդանէ քիչ ետքը, 1272 յունուարին մեռաւ նորա աշակերտիցը Կիրակոս Գանձակեցին, նա ալ պատմութեան մը հեղինակ, որուն մէջ սակայն շատ ընդարձակ տեղ տրուած է զրոյցներու եւ հրաշալիքներու: Ասոնց ընկերակից ճանչցուած է նաեւ Մաղաքիա Ակներցին, Ակներ վանքի աբեղայն, որ Նետողաց ազգին` այսինքն Թաթարներուն համառօտ պատմութիւնն է գրած: Աշակերտակից է Յովսէփ Արտազեցին ալ, որուն վրայ արդէն խօսեցանք 1126), բայց իբր մատենագիր ճանչցուած չէ:

1147. ՄԽԻԹԱՐ ՍԿԵՒՌԱՑԻ

Ժամանակակից է Մխիթար Սկեւռացին ալ, որ առաջ 1254-ին Հեթումի ընկերացաւ մինչեւ Բաթուի մօտ երթալը 1136), եւ երկրորդ անգամ 1263-ին վերջերը պատուիրակ գնաց Պտղամայիս` Ուրբանոս Դ պապի կողմէ պատգամաւոր եկող Տիւրոսի արքեպիսկոպոս Գուլիէլմոսի մօտ 1140), ուր առիթ ունեցաւ հռոմէադաւանութեան խնդիրներուն վրայ վիճաբանութեան մտնելու, զորս յետոյ գիրի ալ առնելով Հեթումի ներկայեց (ՀԻՆ. 752): Այս ալ նշան մըն է Հեթումի եւ Կոստանդինի ուղիղ հայադաւանութեան մասին, զոր վերեւ ջանացինք պարզաբանել 1144), մինչեւ իսկ Կոստանդին յանձն չէր առած անձամբ երթալ նուիրակին, հետեւելով հոգեւոր եւ օրինաւոր կարգի (ՍԿԵ. 10), թէպէտ նա կը պահանջէր իբր նշան հպատակութեան: Սկեւռացին ալ, զոր իր տեղ ղրկած էր, պահանջեց որ հնազանդութեան անուն բնաւ մի' յիշեսցի (ՍԿԵ. 9): Սկեւռացիին ամբողջ գրութիւնը, որ ընդդիմաբանութիւն է Հռոմի յաւակնոտ գլխաւորութեան, պատրաստուած է ի հրամանէ թագաւորին Հայոց Հեթմոյ (ՍԿԵ. 1), եւ յայտնապէս կը վկայէ հեղինակը, թէ վեհ էր խնդիրն քո քան զիս (ՍԿԵ. 69): Սկեւռացիին պատճառաբանութիւնները Հռոմայեցւոց Պետրոսական գրութեան դէմ, շատ գեղեցիկ եւ զօրաւոր մասեր ունին, իսկ տկար երեւցած մասերը համապատասխան են Լատիններու քաշկռտուք պատճառաբանութեանց, որոնց մօտէն տեղեակ եղած կ՚երեւի Սկեւռացին, որ նմանօրինակ զենքերով ալ կը կռուի անոնց դէմ:

1148. ԵՐԵՔ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍՆԵՐ

Յիշատակութեան արժանի է նաեւ Յովհաննէս վարդապետ Տուեցի, որ առաքինական ձիրքերովը, թէպէտ, քահանայութեան եւ վարդապետութեան եւ յետոյ Գարդմանի արքեպիսկոպոսութեան ալ բարձրացաւ, բայց տարին զերիս յիսնակսն անհաց եւ անջուր կատարելու սովորութիւնը չխափանեց: Վերջին տարիներ բոկ ոտիւք Երուսաղէմ գնաց, ուր բոլոր մեծպահքը Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյն մէջ յոտն կալով եւ անհաց, այլ եւ լռութեամբ, զարմացոյց զազգն Փռանգաց: Երուսաղէմէ դարձին Նորբերդի անապատին մէջ ճգնեցաւ մինչեւ ի խորին ծերութիւն (ՎԱՐ. 155), եւ վախճանեցաւ 1263-ին (ՎԱՐ. 153): Նշանաւոր եղած է նաեւ Յովհաննէս Գառնեցի վարդապետը, իր խստակրօն ճգնութեամբ եւ Երուսաղէմի մէջ կատարած հրաշալիքներով, որով Տաճիկներէն ալ քրիստոնէութեան դարձողներ եղած են: Երուսաղէմէ դառնալուն` Ասորիք եւ Փոքր Ասիա շրջեցաւ, Կողոնիա քաղաքին մէջ Տաճիկներէ հալածուելով կրակի նետուելու եղաւ, բայց վտանգէն ազատելով Հռոմկլայ եկաւ Կոստանդին կաթողիկոսի մօտ, ուր եւ մնաց մինչեւ իր մահը ի խոր ծերութեան (ԿԻՐ. 205): Կը յիշուի նաեւ երրորդ Յովհաննէս Արմանեցի վարդապետ մը, որ Մխիթար Գօշի սակաւօրեայ յաջորդներէն, Մարտիրոսէ` Մխիթարէ, Յովասափէ եւ Աբրահամէ ետքը, Գետիկի առաջնորդ եղած է, Հաղարծինի վանքէ հոն փոխադրուելով 1256-ին, եւ ապա եպիսկոպոս ձեռնադրուելով անցած է ի մեծ աթոռն ի Հաղբատ (ԿԻՐ. 116):

1149. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՏԷՐՅՈՒՍԿԱՆՈՐԴԻ

Յիշենք եւս Ստեփանոս Արտամետցի վարդապետը, աւելի ծանօթ Տէրյուսկանորդի մականունովը: Տէր Յուսիկ Արտամետի քահանայ էր, որուն երէցկինը Թաթարներ գերեցին եւ վաճառեցին քրիստոնեայ կնոջ մը, Բիբի անուն, որուն քով վերջապէս գտաւ քահանայն իր երէցկինը, եւ ազատութեան եւ պարգեւի գումար մըն ալ ստանալով Արտամետ դարձաւ, պայմանով, որ եթէ տէր Յուսիկի որդին քահանայանայ, առաջին պատարագը Բիբիի հոգւոյն համար մատուցանէ: Անկէ ետքը ծնաւ ու մեծցաւ Ստեփան Տէր Յուսկան Որդին, որ հօրը ցորենը աղքատներու բաժնելուն համար, Արտամետէն կը հեռանայ, եւ Բերկրիի մօտ լերան մը վրայ ճգնարան կամ Արգելան մը կը կազմէ իրեն: Ատեն անցնելով Ստեփան գտնուած է հօրմէն, բայց ճգնարանը այլ եւս չէ թողած, եւ քահանայանալով մօրը ազատութեան պայմանը գործադրած է, եւ յետոյ վարդապետ եղած եւ աշակերտութիւն կազմած միեւնոյն Արգելանի վանքին մէջ: Սրբութեամբ վախճանած է 1251-ին, եւ իր յիշատակը Յայսմաւուրքի մէջ անցած է իբր սուրբ, յունուար 3 օրուան ներքեւ (ՅԱՅՍ. Ա. 8), որ իր մահուան օրը կրնայ ընդունուիլ, իսկ գերեզման նորա յետ մահուանն` բժիշկ էր ամենայն ախտացելոց (ԿԻՐ. 91): Մինչեւ այսօր կը մնան Բերկրիի մէջ Տէրյուսկանորդի վանքը, եւ մերձակայ լերան վրայ Արգելանի վանքին աւերակը:

1150. ՀԱՍԱՆ ՋԱԼԱԼ

Յիշեցինք Խաչէնի իշխան Հասան Ջալալը, թէ ինչպէս Արղունի ձեռքէն ազատելով Սարթախի հովանաւորութեան ապաւինած էր, եւ թէ Սարթախի տաճկահաւատ ազգականներէն սպաննուելովը` Արղուն կը զօրանար 1137): Հասան Ջալալ, Զաքարէ եւ Իւանէ Օրբելեաններուն քրոջ եւ Վախթանկ Տօնկիկ իշխանի որդի էր, որ մօրը եւ Զաքարէ ու Իւանէ եղբայրներուն հետ Երուսաղէմի ուխտագնացութիւնն ալ կատարած էր, եւ շատ բարեպաշտ կեանք մը, կ՚անցնէր (ԿԻՐ. 145): Արղուն անգամ մը շատ նեղած էր զայն եւ ընդ բազում պատժօք զնա արկեալ հարկերու պատրուակով (ԿԻՐ. 175), բայց Հասան Ջալալ յաջողած էր Սարթախի պաշտպանութիւնը վայելել, որուն մօտ ապաւինած էր, եւ իրեն հետ նաեւ Գրիգոր Տղայ ծերունի իշխանը, Դեսում երիտասարդ իշխանը, Մարկոս վարդապետ եւ Գրիգոր եպիսկոպոս (ԿԻՐ. 207): Երբոր Արղուն կրկին զօրացաւ, պատճառանօք պարտուց եւ հարկի` ի կալանս արար Գոնցա Վրաց թագուհին, Խօշաք անոր աղջիկը, Շահնշահ Օրբելեանը` Զաքարէի որդին, եւ Հասան Ջալալ Խաչէնի իշխանը: Առաջինները ազատեց ծանր փրկանքներով, իսկ Հասան Ջալալը չուզեց թողուլ, ու նեղէր անհնարին կտտանօք, եդեալ փայտ ի պարանոց նոցա, եւ երկաթս յոտսն, եւ այս գլխաւորապէս վասն առաւել քրիստոնէութեանն, որուն մեծ պաշտպան էր Հասան Ջալալ, եւ այս պատճառով թշնամիք էին նմա ամենայն տաճկահաւատք, եւ յորդորէին զԱրղունն ի սպանութիւն նորա: Հասան Ջալալի աղջիկը Ռուզուքան, ամուսնացած էր Չարմաղանի որդւոյն Բուրա զօրավարին հետ, եւ համարձակութիւն ունացաւ Հուլաւունին դիմել, որ Տօղուզ տիկնոջ միջնորդութեամբ հօրը ազատութիւնը ընդունի: Արղուն հազիւ թէ Ռուզուքանի միտքը լսեց, անմիջապէս Հասան Ջալալ Խաչենցին հրամայեց սպաննել, եւ երթեալ Տաճկացն անդամ անդամ յօշեցին զնա, եւ այսպէս մարտիրոսացաւ քրիստոնէութեան հաւատքին համար (ԿԻՐ. 229), իսկ մարմինը նետուած տեղէն հաւաքուելով Գանձասարի մէջ թաղուեցաւ (ՎԱՐ. 153): Թուականը 1261 դրուած է Կիրակոսէ (ԿԻՐ. 230), եւ թէպէտ Վարդանի մէջ 1251 կը նշանակուի (ՎԱՐ. 152), սակայն պարզ գրչագրութեան սխալ պէտք է ըլլայ, վասն զի քիչ մը ետքը կը գրէ, թիւքս խորհրդաւոր Չ որ է կատարեալ հանգիստ, եւ Ժ սուրբ, եւ յայսմ թուաբերութեան եղած է կ՚ըսէ երանելոյն հանգիստը (ՎԱՐ. 153):

1151. ՈՒՐԻՇ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐ

Միեւնոյն 1261 տարին տեղի ունեցաւ մեծ Զաքարէի որդի Շահնշահ Օրբելեանին մահն ալ: Շահընշահի որդին Զաքարէ` երիցագոյն էր Աւագ եւ Արտաշիր եւ Իւանէ եղբայրներուն վրայ, եւ ձեռք առած էր հօրը իշխանութիւնը: Ամուսնացած էր Ուխտիքի Սարգիս իշխանին աղջկան, իսկ Սարգիս ապստամբ կը նկատուէր: Զաքարէի` իր աներանց տունը կնոջը տեսութեան երթալը առիթ տուաւ Արղունի` Զաքարէն ալ ամբաստանել Հուլաւունի առջեւ, եւ զանազան բարուրս կուտելով մահուան դատապարտել տալ, անդամ անդամ յոշել եւ արկանել շանց: Շահնշահ որդւոյն սպանութեան գոյժը առնելուն` այնչափ յուզուեցաւ, որ ի տրտմութենէն մեռաւ, եւ Օձուն գիւղը թաղուեցաւ (ԿԻՐ. 231): Ասոնց մահերն ալ քրիստոնէութեան համար նահատակութիւններ նկատուած են: Սեւադա իշխան մըն ալ, որդի Գրիգոր Տղայ ծերունի իշխանին, զոր վերեւ յիշեցինք, Մուֆարզինի պատերազմին մէջ սպանուեցաւ, եւ անոր համար ալ գրուած է թէ մասն հասցէ արեամբ նահատակացն Քրիստոսի (ՎԱՐ. 152): Նահատակներուն կարգին պիտի յիշուի նաեւ Ստեփանոս վարդապետ, Գերեթինի ծերունի վանահայրը, որ շատ կերակուրներով ու ըմպելիքներով մեծարած էր Թաթարներու գունդ մը, սակայն նոյն գիշեր գլխաւորը վասն խարաբ եւ անյագ ուտելոյն եւ ըմպելոյն կը հիւանդանայ, եւ իբր թէ վարդապետը զայն թունաւորած ըլլայ, չորս ցիցերու պրկելով այրեցին եւ խորովեցին, մինչեւ աւանդեաց զհոգին (ՆՈՐ. 99): Մաղաքիա աբեղայ որ զայդ կը պատմէ, 1257-ին կը դնէ Ստեփանոսի նահատակութեան թուականը (ՄԱՂ. 23):