Ազգապատում. հատոր Բ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ԳՐԻԳՈՐ Թ. ՄՈՒՍԱԲԷԳԵԱՆՑ

1444. ԱԹՈՌԸ ԿԸ ԳՐԱՒԷ

Կոստանդին Վահկացի մեռած էր 1439-ին ապրիլէն առաջ ( § 1441), եւ նոյն տարւոյ նոյեմբեր 7-ին շաբաթ օր, Կաֆայի մէջ գրուած յիշատակարան մը` Գրիգորը իբր կաթողիկոս կը յիշատակէ ( ՓԻՐ. 119), յիշելով նաեւ նոյն քաղաքին կամ Հոնաց աշխարհին եպիսկոպոս Մաղաքիայի անունը, զոր արդէն մենք ալ յիշեցինք ( § 1437): Ասկէ կը հետեւցնենք, թէ Գրիգոր կրցած էր ամառուան մէջ աթոռը գրաւել, քանի որ լուրը մինչեւ Խրիմ հասած էր, եւ Փլորենտիայէ դարձող պատգամաւորութիւնը գոնէ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ լսած պիտի ըլլար, աթոռին պարապութեան վերջացած ըլլալը: Ուստի եթէ պատգամաւորութիւնը ըստ ամենայնի կաթողիկոսական կերպարան ունեցած ըլլար, պէտք էր նախ Սիս, եւ ոչ թէ Կաֆա երթար: Միեւնոյն ամսաթիւերու բաղդատութենէն կը հետեւցնենք, թէ շատ երկար տեւած պիտի չըլլան Յովսէփի ոտնձգութիւնները եւ աթոռի շփոթութիւնները ( § 1442): Գրիգորի նախընթացը պատմուած չէ, եւ ծննդավայրն ալ ծանօթ չէ, եւ միայն ազգատոհմով կամ լաւ եւս հայրանունով անցած է պատմութեան մէջ ( ԴԱՎ. 336): Մուսաբէգեանց կոչումին հնար չէ, տաճկական հնչմանը պատճառով տաճկական ծագում ալ տալ, այլ հարկաւ հայազգի Մովսէս իշխան մըն է, որ տիրող պետութեան սովորութեամբ Մուսա Բէգ կոչուած է: Ասկէց կը հետեւի Գրիգոր կաթողիկոսին իշխանազուն մը ըլլալը, եւ այդ ծագումն ալ իւր զօրանալուն եւ աթոռը գրաւելուն պատճառն եղած կ՚ըլլայ: Գրիգորի նկարագիրին եւ արժանիքին համար բնաւ նշանակութիւն չունի Կաֆացի Մաղաքիա աբեղայէն` տեառն Գրիգորի բարեպաշտի եւ աստուածասիրի եւ իմաստնոյն գրուիլը ( ՓԻՐ. 119), զի հեռուէ հեռու, հազիւ թէ անունը լսած` կաթողիկոսավայել ածականներ կը պատշաճեցնէ կաթողիկոս եղողին: Մենք գիտենք միւս կողմէն, թէ Կոստանդինի սպանութիւնը, Յովսէփի ոտնձգութիւնը եւ Գրիգորի յաջողութիւնը, իսկոյն ցնցեցին Արեւելեան վարդապետները, որոնք այլեւս ատենը հասած դատեցին, շատոնց ի վեր յղացած միտքերնին գործադրելու, համոզուած ըլլալով թէ այլեւս աւելորդ էր Սսոյ աթոռին իւր տեղին վրայ բարեկարգուիլը, թէ սնոտի ակնկալութիւն էր Կիլիկիոյ հայրապետանոցին վրայ վստահիլը, եւ թէ այլ եւս պատճառ մըն ալ չկար, որ հայրապետական աթոռը իւր պանդխտութիւնը շարունակէր, որուն միակ արդարացումը ազգային քաղաքական իշխանութեան Վաղարշապատէ դուրս ելած ըլլալն էր, եւ եկեղեցական իշխանութիւնն ալ շարունակեալ տեղափոխութիւններով անոր կը հետեւէր: Կիլիկիա ոչ միայն քաղաքական տեսակէտով իւր նշանակութիւնը կորուսած, եւ շրջակայ իշխանութեանց ձեռք խաղալիք դարձած էր, այլ եւ եկեղեցական տեսութեամբ, անկարգ անկերպարան բան մըն էր եղած, ոչ ուսումն էր մնացած այնտեղ եւ ոչ օրէնք, վանքեր քայքայուած, վարդապետներ անարգուած, եկեղեցականութիւն ստորնացած, ուր ընդհակառակն Արեւելեան վիճակներու մէջ գնահատելի արժանիք կը ցուցնէին Տաթեւեան աշակերտները` Սիւնեցի եւ Վասպուրականցի կրկին ճիւղերով:

1445. ՀԵՐՄՈՆԵՑԻ ԵՒ ՄԵԾՈՓԵՑԻ

Այդ կրկին ճիւղերուն գլուխը կը գտնուէին Յովհաննէս Հերմոնեցի Սիւնիքի մէջ, եւ Թովմաս Մեծոփեցի Վասպուրականի մէջ: Յովհաննէս ի յԵկեղեաց, ի վանաց Հերմոնի կոչուած է, առաջին անգամ յիշատակուած ատենը ( ՄԵԾ. 50), ուսկից կը հետեւի, ծննդեամբ Երզնկացի, իսկ առաջին կրթութեամբ Վայոցձորոյ Հերմոնի վանքէն ըլլալը, յետոյ Տաթեւացիին աշակերտած, եւ մեռնելէն անմիջապէս կամ քիչ ետքը անոր յաջորդած, ինչպէս գրեցինք ( § 1404): Այդ միջոցին, որուն վրայ կը խօսինք, նա էր վարժապետ եւ ուսուցիչ ճանչցուածը ( ԿՈՍ. 52), ինչպէս երբեմն կը ճանչցուէր վարժապետն Գրիգոր Տաթեւացին ( ՄԵԾ. 59): Յովհաննէս Կոլոտիկ կամ Գոլոտենց մակդիր անունով ալ յիշուած է ( ԿՈՍ. 78), սակայն ծագումն ու իմաստը պիտի դժուարանանք ճշդել, պէտք եղած բացատրութիւնը աւանդուած չգտնելով: Հերմոնեցիին դիրքը եւ Տաթեւացիէն ժառանգած հոգին զինքն կը պատրաստէին գլուխ կանգնիլ մեծ եւ կարեւոր գործին, որուն առաջին գաղափարը կրնանք տանիլ մինչեւ Տաթեւացին, հետեւաբար պէտք է անոր տանք` շուրջը գտնուողներուն եւ բոլոր Հայաստանի նշանաւոր վարդապետներուն հետ խորհրդակցութեանց նախաձեռնութիւնը: Ինչպէս որ նախապատրաստութիւնները վերջացնելէ ետքը` ինքն եղաւ, որ ամէն կողմ հրաւէրներ ցրուեց գալ եւ հաւաքուիլ ի խորհուրդն բարի եւ օգտակար: Թովմաս Մեծոփեցին, զոր իբր պատմագիր յաճախ յիշեցինք, եւ զանազան եղելութեանց մէջ ունեցած մասնակցութիւններն ալ պատմեցինք, ծնած էր Քաջբերունեաց Ազովիտ գիւղաքաղաքը, որդի ազնուական Ստեփանոսի, եւ եղբայր Գորգի մելիքին, այսինքն քաղաքի իշխանին: Հետզհետէ աշակերտած էր Մեծոփի եւ Սուխարի եւ Սալնապատի վանքերուն ( ՏԱՇ. 418), որոնցմէ յետոյ փոխադրուեցաւ Տաթեւ 1406-ին ( § 1397), եւ վերջապէս հաստատուած էր Մեծոփայ մէջ իբրեւ առաջնորդ սուրբ ուխտին ( ՏԱՇ. 677): Տաթեւ երթալէն 35 տարիներ անցած էին, եւ Թովմաս վաթսունը անցուցած էր ստոյգ, բայց երիտասարդական ժրութիւն կը կրէր տակաւին, աթոռին փոխադրութեան ձեռնարկին գործունեայ վարիչը ըլլալու չափ: Ինքն է որ կը գրէ թէ ի խնդիր ելաք Էջմիածնի իշխանութեանն եւ կաթողիկոսութեանն Հայկազեան սեռիս ( ԿՈՍ. 62), եւ կը վկայէ իւր նախաձեռնարկ ըլլալուն: Հետեւապէս պէտք է ընդունիլ թէ գլխաւորապէս այս երկուքն էին Հերմոնեցին եւ Մեծոփեցին, որ գործին իրականացման համար կը խորհրդակցէին շարունակ: Հերմոնեցին շուտով կրցած էր իր գաղափարին յանկուցանել Արեւելեան վարդապետները եւ եպիսկոպոսները, որոնք արդէն պատրաստ էին վերջ տալ Սսոյ աթոռին եւ վերարծարծել լուսաւորչանիստ Էջմիածինը, եւ որոնց մէջ աւելի աչքառու ազդեցութիւն կը վայելէին Արտազու կամ Մակուայ եպիսկոպոս Գրիգոր, եւ Հաւուցթառայ եպիսկոպոս Զաքարիա: Աւելի ծանր էր Մեծոփեցիին աշխատութիւնը, որուն մասը շփման մէջ էր Աղթամարի վիճակներուն հետ, որ ինքզինքը Մեծ Հայոց կաթողիկոս կը ցուցնէր, եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութիւնը իրեն սեփական կը կարծէր: Աթոռին վրայ կը գտնուէր Զաքարիա, Նահատակ Զաքարիայի եւ վերջին Դաւիթին եղբօրորդին, որ շփոթութեանց միջոցէ մը ետքը կրցած էր աթոռին տէր դառնալ, եւ օրինաւոր պաշտօնավարութեան ձեռնարկել ( § 1424): Մեծոփեցին յաջողեցաւ Զաքարիան ալ իւր կողմը շահիլ, եւ Սիւնեցի ու Վասպուրականցի վարդապետներուն գործակից ընել Աղթամարցիներն ալ, անշուշտ Զաքարիայի աչքին ցոլացնելով, Աղթամարէ Էջմիածին անցնելու հնարաւորութիւնը:

1446. ՇԱՐԺՈՒՄԻՆ ՇՈՒՐՋԸ

Շատ շահագրգիռ պատմութիւն մը ունեցած պիտի ըլլայինք, եթէ ժամանակին կատարուած բանակցութեանց եւ փոխանակուած տեսութեանց ու թղթակցութեանց վրայ կատարեալ տեղեկութիւններ գտնայինք, ուր տեսնուէին գործին մէջ գլխաւոր դեր վարողներուն զգացումները ու դիտումները, եւ իրարու հանդէպ մրցակից շարժումները: Մեծոփեցին Թովմաս, որ միակ ժամանակակից պատմողն է, երբ մինչեւ իսկ երազներն ու հանդիպումները իբր կարեւոր ինչ գիրի առած է, բոլորովին զանց ըրած է գործիչները եւ գործին հանգամանքները պատշաճ կերպով ներկայել: Իւր գլխաւոր պատմութիւնն իսկ անարուեստ եւ ժամանակագրութեամբը շփոթ գրուած մըն է, եւ ինքն իսկ կը խոստովանի, թէ ծեր էի եւ յետ յիսուն ամացս սկսայ, վասն այսորիկ յետ եւ յառաջ գրեցի ( ՄԵԾ. 44): Որչափ եւս առաւել անկեալ ոճ պէտք էր ունենային աթոռոյ տեղափոխութեան յիշատակարանին երեք հատուածները, որոնք զանազան ժամանակներ գրուած են, եւ այն ալ եօթանասնամեայ եղած ատենները, երբ աւելի ցրուած էր, քան թէ յիսնամեայ եղած ատենը: Այսու հանդերձ մենք նախընթաց եւ հետեւորդ եղելութիւնները եւ մանր ակնարկները նկատի առնելով, պիտի աշխատինք փոքրիշատէ մեկնաբանել գործին եւ գործիչներուն հոգեբանական հանգամանքներն ալ, քանի որ ազգային եկեղեցւոյ պատմութեան համար, նշանաւոր հանգրուան եւ կենսական ձեռնարկ մըն է հայրապետական աթոռին Սիսէ Էջմիածին փոխադրուիլը: Անտարակոյս է որ մարդկային գործերու մէջ, որչափ ալ բարձր տեսութիւններ եւ վսեմ գաղափարներ անոնց նշանակութիւնը մեծցնեն, անձնական եւ կողմնակի գրգիռներ չեն դադարիր համընթաց քալել հանրային գործերուն հետ: Մենք բաւական կը սեպենք որ գոնէ անձնականները հանրականներուն վրայ չտիրապետեն եւ հանրականներուն էութիւնը չեղծանեն: Անհաւատալի պիտի ըլլար ըսել, թէ Արեւելեայք բնաւ մասնաւոր եւ անձնական օգուտ չունէին այդ փոխադրութեան մէջ, որ պիտի զօրացնէր իրենց կողմը եւ իրենց ձեռքը պիտի անցընէր եկեղեցւոյ ուղղութիւնն ու վարչութիւնը: Մասնաւոր օգուտ մըն ալ կրնային յուսալ գործին գլուխ կանգնողները, Ամենայն Հայոց բարեկարգեալ աթոռին գահակալն ըլլալով, եւ այդ ակնկալութիւնը նախապէս կը գրգռէր Զաքարիա Աղթամարցին, եւ նոյնը ունէին նաեւ Գրիգոր Արտազեցին, Զաքարիա Հաւուցթառեցին եւ Յովհաննէս Հերմոնեցին: Միայն Թովմաս Մեծոփեցին այդպիսի մտածմունք չունէր, բայց անոր սիրտին մէջն ալ Վասպուրականցիներուն նախապատուութիւն ստանալուն յոյսերը կ՚աճէին, թէ` Աղթամարի կաթողիկոսը իրեն հետ ունենալովը, եւ թէ անոր վարդապետներէն եւ եպիսկոպոսներէն շատերը շահած ըլլալովը: Այսպէս էր Արեւելեան վարդապետներուն կացութիւնը 1439-ին վերջերէն սկսելով, եւ մեծ ոգեւորում ստացած էր Մուսաբէգեանցին կաթողիկոսանալուն լուրը ստուգուելէն ետքը, եւ կը շարունակէր բովանդակ 1440 տարւոյ ընթացքը:

1447. ՄԵԾՈՓԵՑԻՆ ԵՒ ԿԻԼԻԿԵՑԻՔ

Երբոր Արեւելեայց մէջ այդ անցուդարձերը կը զօրանային ասդին Կիլիկիոյ մէջ Մուսաբէգեանց բնաւ լուրջ ձեռնարկ մը չէր ըներ, եւ ոչ ալ մեծ ազդեցութիւն կրնար ստանալ: Մեծոփեցին յայտնապէս կը գրէ, թէ նոր եդեալ կաթողիկոսն ոչ իշխէ, զի բաղայս անուղղայս եդեալ ունէր ի վերայ ինքեան ( ԿՈՍ. 63): Այդ անուղղայ գործերը կ՚ակնարկեն այն զեղծումներուն, զորս անգամ մը քաղած ենք ( § 1409), եւ կրկնել չենք ուզեր: Կ՚երեւի թէ աթոռին մէջ եպիսկոպոսներ ալ շատ չէին, ոչ թէ ձեռնադրուելիք չգտնուելուն համար, այլ մրցակիցներ եւ ազդեցութիւն վարողներ չշատցնելու համար: Այս նպատակը կը տեսնանք մենք, երբ կը կարդանք թէ ի նոյն աւուրքն, այսինքն կաթողիկոսութեան տիրանալուն պէս Մուսաբէգեանց անմիջապէս եօթն նոր եպիսկոպոս ձեռնադրէ ( ԿՈՍ. 63), կամ ուրիշ օրինակներու համեմատ հինգ եպիսկոպոս ( ԿՈՍ. 88), որ է սովորական դարձած Ե եւ Է թուատառերու շփոթութիւնը: Ասոնք հարկաւ իր կուսակիցներն են եղած, որ իրեն պաշտպան պիտի հանդիսանային, որովհետեւ ինչպէս շփոթութեանց ատեն սովորական է, հակառակութիւններ ալ կը զօրանային Մուսաբէգեանցի դէմ: Կիլիկեցի չորս եպիսկոպոս ի ներքին կողմանցն, որով կրնանք իմանալ թեմակալ եպիսկոպոսները, իրենք ալ զզուած աթոռին անկարգութենէն նամակ ողջունի եւ մեղադրութեան կը գրեն ամենայն արեւելեան վարդապետաց եւ եպիսկոպոսաց եւ ուղղակի Մեծոփեցիին ուղարկեն, որպէս զի ցրուէ եւ գործէ: Նամակին մէջ կը գրէին, թէ խոտան եւ անպիտան գտաք ի մէջ ամենայն ազգաց, եւ նոր կարգադրութեան մը պէտքը զգացնելով, կը յայտարարէին օր առաջ գործի ձեռնարկել: Այս պարագայն կը ցուցնէ թէ փոխադրութեան գործը Կիլիկիոյ եպիսկոպոսական մարմինին հաւանութիւնն ալ ստացած էր, գոնէ մասնակի, եւ ընդհանուր համաձայնութիւն մը կը տիրէր ազգին զանազան մասերուն մէջ: Միանգամայն կը հաստատէ Մեծոփեցիին ստանձնած գործունեայ դերը, եւ ամէն կողմ անոր անունին լսուած ըլլալը, որ Կիլիկեցի եպիսկոպոսներն ալ իրեն կը դիմէին եւ իրեն կը վստահէին, բոլոր Արեւելեաններուն հաղորդել իրենց գիրը, եւ անոնք գործի յորդորել: Բարեդէպ առիթ մը Մեծոփեցիին գործը կը դիւրացնէ, զի Էջմիածնեցի կրօնաւոր մը կու գայ իրեն այն օրեր, որուն կը յանձնէ զնամակն ողջունի Կիլիկեցի եպիսկոպոսներուն եւ կը յանձնարարէ սփռել առ ամենեսեան ( ԿՈՍ. 64): Պէտք չէ ենթադրել որ Կիլիկեցի եպիսկոպոսներ Արեւելեաններէն իւրաքանչիւրին զատ զատ գրած ըլլան, այլ Մեծոփեցիին ուղղուած գիրն է, զոր Էջմիածնեցի աբեղան ծոցը դրած վանքէ վանք եւ վիճակէ վիճակ շրջելով ամէն մէկուն կարդացնել պիտի տար: Այս պարագայն իբր երկրորդ պատճառ նկատած է Մեծոփեցին ( ԿՈՍ. 63) իր ձեռնարկին, որով սկսաւ հետապնդել Էջմիածնի իշխանութեան ( ԿՈՍ. 63), այսինքն է հայրապետական աթոռը Էջմիածնի մէջ վերահաստատելու: Իրօք ալ մեծ ոյժ մըն էր այդ նամակը: Եղելութիւնը տեղի ունեցած է 1440 տարւոյ սկիզբները, զի 1441-ին սկիզբները Հերմոնեցիէն եկած ժողովին հրաւէրին համար, յետ միոյ ամի եկն պատասխանի կ՚ըսէ ( ՄԵԾ. 65), որով Կիլիկեցւոց նամակին ազդեցութիւն ունեցած ըլլալն ալ կը յայտնուի: Մեծոփեցիին գործի մղուելուն պատճառներուն մէջ երազներ եւ պատահարներ ալ կան, որոնց մէջ նշանաւոր է Ստեփանոս Աղթամարցի աբեղային խօսքը վասն էflր ոչ գան յԱղթամար ի հնազանդութիւն Զաքարիա կաթողիկոսին ( ԿՈՍ. 66), որով կը շեշտուի Վասպուրականցոց միտքը, Զաքարիա Աղթամարցին Էջմիածին տանելով Ամենայն Հայոց կաթողիկոս հռչակել:

1448. ՄՈՒՍԱԲԷԳԵԱՆՑ ՈՒ ՊԱՊԸ

Աղթամարի նկատմամբ կազմուած այդ կարծիքը այնչափ տարածում ստացած էր, որ փոխադրութեան խնդիրին մէջ դէմ առ դէմ եղող երկու կողմերէն, անոնք որ նպաստաւոր էին` Աղթամարական կը կոչուէին նմանաձայնութեամբ բառախաղ կազմելով Աղթարմայական անունին հետ, որով կը կոչուէին Կիլիկեցիք, որ փոխադրութեան մասին աննպաստ կարծիք ունէին: Գրիգոր Մուսաբէգեանցի ալ աղթարմայական խմորէ վարակուած ըլլալուն իբր նշան կրնանք նկատել, 1440-ին իր կողմէն Եւգինէոս Դ. ի գրուած նամակը, զոր տարած է Ալբերդոս անուն Լատին կրօնաւոր մը: Չենք ուզեր խնդիր յուզել, թէ ուղղակի Սիսէ ղրկուած գիր մըն էflր այն թէ ոչ Կաֆայէ գրուած նամակ, իբր պատասխան Եւգինէոսի յանձնած նամակին: Սակայն ընդունելով ալ թէ Գրիգորէ գրուած ըլլայ, դժուար է ճշդել, թէ ինչ ըսել կ՚ուզէ երբոր կը գրէ, բարձրագոյն բարբառ թղթոց քոց, որ ճառագայթէ իբր զարեգակն եւ զաստեղս, կամ իբրեւ զջինջ երկին, եւ իբրեւ զոսկի թանկագին ( ԱԶԱ. 104): Եւգինէոսի նամակը Կոստանդինի էր ուղղուած ( § 1440), ուստի պէտք էր որ անոր մահէն ետքը Գրիգոր զգացնէր իր յաջորդելը եւ պատասխանելը: Դիտելու կէտ մըն է նաեւ որ այդ նամակին մէջ հրահանգ կոնդակին վրայ ( § 1439) ամենեւին ակնարկ չ՚ըլլար: Եթէ այս լռութիւնը կամաւոր է, մերժելու ձեւ մը կ՚առնէ, իսկ եթէ պատահական է, հրահանգին Սիս ղրկուած չըլլալը կը ցուցնէ, եւ Կաֆայի մէջ պահուած կ՚ըլլայ, եւ դիտողութեան արժանի կարեւոր պարագայ կը դառնայ: Սոյն կէտերը նկատի առնուած ատեն, Ալբերդոսի տարած նամակը նշանակութիւնը կը կորսնցնէ, եւ պարզապէս քաղաքավարութեան կամ ակնկալութեան նամակ մը կը դառնայ, որուն կարեւորութիւն ալ տալ պէտք չըլլար: Ընդհակառակն յօդուածագիր մը այնչափ մեծ նշանակութիւն կ՚ուզէ տալ Փլորենտիոյ ժողովին եւ Եւգինէոսի կոնդակին, որ կը յայտարարէ թէ բուն Հայաստանի վարդապետները տեսնելով Կոստանդին կաթողիկոսին ի միութիւն դիմումը աթոռի փոխադրութիւնը կատարեցին (11. ԱՄՍ. 466): Սակայն այդ դիտողութիւնը, դիտողին նպատակին հակառակը կ՚ապացուցանէ, եւ Կոստանդինին ըրածը` անհատական գործ եղած ըլլալը կը հաստատէ, որով կը յայտնուի թէ Հայ եկեղեցւոյն ընդհանրութիւնը անոր գրածը չընդունեցաւ եւ մերժեց: Իսկ մենք դիտել կու տանք, որ Մեծոփեցին` Սսոյ վրայ բարդած 12 մեղադրութեանց մէջ, ամէնէն մանր պարագաներու իջնալով մէկտեղ, Կոստանդինի միութեան կամ Եւգինէոսի կոնդակին գոյութիւնն իսկ կ՚անգիտանայ: Ասկից կրնանք հետեւցնել թէ միութիւն կամ կոնդակ` բնաւ մտադրութեան չեն առնուած, կամ այն է որ Արեւելեաններ տեղեկութիւն իսկ չեն ունեցած, եւ կամ կարեւորութենէ զուրկ են դատած, եւ հիմնուած են այն կէտին վրայ, թէ Կիլիկեցւոց մէջ մնացեալ էր խմոր աղթարմայութեան Կոստանդեայ Կեսարացւոյ եւ Գրիգորի Անաւարզեցւոյ ( ԿՈՍ. 55), եւ ոչ թէ նոր զարկ մը ստացած էր Կոստանդին Վահկացիի եւ Գրիգոր Խանձողատի ձեռքով: Արեւելեայք յայտնապէս նկատի կ՚առնեն ինչ որ մնացեալ էր ու հին էր, եւ ոչ թէ բան մը որ նոր գործուած ըլլայ:

1449. ԱՋԻՆ ԱՆՅԱՅՏԱՑՈՒՄԸ

Երբ աթոռոյ փոխադրութեան խորհուրդը տակաւ դէպի լուծումը կը յառաջէր, եւ ամէն տեսակ պարագայ, պատահար ու երազ այդ նպատակին վրայ կը մեկնուէր, ամէնէն աւելի նշանակութիւն կը ստանար Լուսաւորչի Աջին Սիսի հայրապետանոցէն անհետանալ կամ գողցուիլը: Մեզի զարմանալի կը թուի, որ Մեծոփեցին ակնարկ իսկ չունի այդ անհետացման վրայ, այնչափ որ թերեւս Մեծոփեցիին կրթնելով անհետացումը ուրանայինք, եթէ բազմաթիւ ժամանակակից յիշատակարաններ զայն չհաստատէին: Անհետացման թուականն ալ բացատրութեանց կը կարօտի, զի մինչ նորեր ինչ ինչ յիշատակարաններու կրթնելով 1441-ին կը դնեն անհետացումը ( ՉԱՄ. Գ. 486), անդին ուրիշ յիշատակարան մը, 1439-ին գրուած, որոշակի կը հաստատէ թէ յայսմ ամի վերացեալ եդեւ Աջն ի Սսոյ, եւ ոչ գիտեմք զինչ եղեւ ( ՓԻՐ. 119): Եթէ թուականին գրութեան կամ ընդօրինակութեան մէջ սխալանք սպրդած չէ, Աջին անյայտացումը Գրիգորի կաթողիկոսութենէն առաջ եղած կը հանդիպի` եւ Գրիգոր առանց Աջի կաթողիկոս եղած կ՚ըլլայ: Մենք կը դժուարանանք այդ ենթադրութիւնը ընդունիլ, զի այդ առիթին Գրիգորի կաթողիկոսութիւնն իսկ անընդունելութեան հանդիպած կ՚ըլլար, եւ Մեծոփեցին ալ առանց դիտողութեան դնեն կաթողիկոս չէր ըսեր ( ԿՈՍ. 63): Չամչեան ալ Մուսաբէգեանցին առանց հաւանութեան երեւելի առաջնորդաց եւ աթոռաց նստեալ ըլլալը միայն կը յիշէ ( ՉԱՄ. Գ. 486), մինչ Գրիգորի նախորդներն ալ նոյն կերպով նստած էին: Ուստի 1439-ին անյայտացումը իբրեւ անհաւանական մէկդի թողլով, կը նախադասենք ուրիշ յիշատակագիրի մը ըսածը, որ այսպէս կը գրէ 1441-ին Յայսմ ամի ՊՂ դարձեալ յայլ իմն պատահումն հանդիպեցաւ Հայոց ազգիս, քանզի Աջ սուրբ Լուսաւորչին մերոյ, որ կայր հիմի քանի ժամանակ ի Սիս քաղաքի, անյայտ եղեւ, ոչ գիտեմք թէ գողացան, եւ ոչ գիտեմք թէ ինքն զինքն ծածկեց, եւ ի մեծ նեղութեան կան եւ ի տրտմութեան Հայոց ազգս վասն այս պատճառի, եւ զկաթողիկոս Գրիգոր բազում չարչարեցին եւ այլ եպիսկոպոսք ընդ նմա վասն Աջին Լուսաւորչին մերոյ ի ձեռն ընտրելոյ եւ արդարոյ առն միոյ, եւ վրայ կը բերէ Խաչափայտին, Լուսաւորչի նշխարաց, Վարագայ խաչին, եւ Սուքիասանց ոսկրներուն գիւտերը ( ՓԻՐ. 125): Յիշատակարանը գրուած է 1441 մարտ 15-ին, եւ հարկաւ բաւական ատեն անցած էր, մինչեւ որ հեռաբնակ յիշատակագիրը գոյժը իմանար, հետեւաբար յարմարագոյն կու գայ 1440-ին վերջին ամիսներուն դնել անյայտացումը: Իսկ անյայտացումը պէտք է վերագրել այն Կիլիկեցի եպիսկոպոսներուն, որոնք Արեւելեանները փոխադրութեան կը քաջալերէին իրենց նամակով ( § 1447), եւ այդ նպատակով Մեծոփեցիին կը դիմէին: Անշուշտ փոխադարձ համեմատութեամբ կազմած են այդ հնարքը, փոխադրութեան գործը դիւրացնելու համար, որով Մուսաբէգեանցը եւ իւր համախոհ եպիսկոպոսները նեղի դնելնին, հաշիւով եղած գործ մը կը տեսնուի, ճշմարտութիւնը ծածկելու համար: Նոյնիսկ Մեծոփեցիին խոր լռութիւնը Աջին անյայտացման մասին, կշռուած լռութիւն մը կ՚ըլլայ: Գողութեան խորհրդակից եւ գործակից եղած ըլլալովը, նա չէր կրնար ո'չ ճշմարիտը խոստովանիլ, եւ ոչ անգիտակի պէս կեղծել, եւ յարմարագոյն սեպած կ՚ըլլայ լռելը: Լուսաւորչի Աջին Հռոմկլայի առումէն եւ Եգիպտացիներէն գրաւուելէն ետքը, նորէն ետ առնուած, եւ Սիսի մէջ պահուած ըլլալը, իր կարգին գրած ենք ( § 1198), եւ կրկին այդ կէտին վրայ չենք անդրադառնար:

1450. ԺՈՂՈՎԷՆ ԱՌԱՋ

Այս նախապատրաստութիւններով` Արեւելեայք հետզհետէ փոխադրութեան գործին յաջողութիւնը կ՚ապահովէին, ջանալով միւս կողմէն կողմնակիցներու թիւը ընդարձակել, եւ հայաբնակութեանց ամէն կողմերէն համամիտներ ունենալ, որովհետեւ թէ յաջողութեան հիմ եւ թէ օրինաւորութեան փաստ` պէտք էր ըլլար գործին հակառակութեան չհանդիպիլը, եւ ընդհանուր համակամութեամբ եւ հաւանութեամբ ընդունուիլը: Ամբողջ 1440 տարին այդ նախապատրաստութիւններով, հնարագիտութիւններով եւ թղթակցութիւններով անցաւ, եւ 1441-ի սկիզբները Յովհաննէս Հերմոնեցին, իբրեւ ամէնէն աւելի հեղինակաւոր անձնաւորութիւն, եւ Տաթեւեան աշակերտութեան պետ, եւ Եռամեծ Տաթեւացիին յաջորդ, ամէն կողմեր շրջաբերական հրաւիրագիրեր ղրկեց, փութանակի եւ առանց յապաղանաց գալ եպիսկոպոսօք եւ վարդապետօք ի խորհուրդն բարի եւ օգտակար, զի մի ի յապաղելն սատանայ խափանումն ածէ գործոյն: Ժամադրութեան ատենը որոշուած էր Զատիկէն ետքը, իսկ օրուան որոշումը չենք գտներ, ի հարկէ պիտի նայէին որ բաւական թուով ժողովականներ հաւաքուած ըլլան: Ժողովատեղի որոշուած էր նոյն իսկ Էջմիածինը, ուր պիտի վերահաստատուէր հայրապետական աթոռը: Էջմիածինը Երեւանի ամիրայ Եաղուպ պէկի իշխանութեան ներքեւ էր ( § 1429). ուստի Հերմոնեցին հոգաց անոր հետ ալ բանակցիլ, եւ անկէ ապահովութեան գիր ստացաւ, գալ վաղվաղակի եւ հաւաքուիլ Էջմիածնի մէջ, եւ առանց ահի եւ երկիւղի կատարել զխնդիրս: Մեծոփեցին Կիւրոսի կը բաղդատէ Եաղուպը, որ Հայոց զբազում ամաց աւերեալ աթոռը կամեցաւ նորոգել, ինչպէս Կիւրոս նորոգեաց զԵրուսաղէմ ( ԿՈՍ. 65): Հերմոնեցիին հրաւէրը որչափ ալ փութանակի եւ առանց յապաղանաց գալու համար էր, սակայն բաւական կանուխէն ղրկուած պիտի ըլլայ. վասնզի Մեծոփեցին հրաւէրը առնելէն ետքը, Մեծոփէ Արճէշ եկած, Արճէշի մէջ ուղեկիցներու պզտիկ կարաւան մը կազմած, եւ Արճէշէ մեկնելով հետզհետէ հանդիպած է Դարօնք կամ Պայազիտ քաղաքը, Ակոռի աւանը` Մասիսի կողը, Արտաշատու Խորվիրապը, եւ Այրիվանքի Ս. Գեղարդը, անկէ անցած է Տաթեւ մեծ վարդապետին Հերմոնեցիին մօտ, եւ անկէ եկած է Երեւան, որ ժամադրավայրն էր զանազան կողմէ հասնողներուն ( ԿՈՍ. 68): Ուրիշ եկողներուն մասին ալ պէտք է նկատի առնել տեղերնուն հեռաւորութիւնը եւ ուղեւորութեանց դժուարութիւնները, եւ հետեւցնել թէ գոնէ երեք ամիս առաջ հրաւիրագիրները ղրկուած են, որով 1441 Աստուածայայտնութեան տօնէն առաջ հրաւէրները յղուած կրնանք ըսել:

1451. ՓՈԽԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐԴԱՐԱՑՈՒՄԸ

Գործին արտաքին հանգամանքները պատմած ատեննիս, անոր ներքին կողմերն ալ հարկ կ՚ըլլայ աչքէ չվրիպեցնել, թէ իflնչ իրաւունքով եւ իflնչ օրինաւորութեամբ պիտի կատարուէր աթոռին տեղափոխութիւնը: Նախեւառաջ ըսենք թէ Սիս կաթողիկոսութեան սկզբնական եւ օրինական աթոռը չէր, այլ զանազան օթարաններէն մէկն ալ այն էր, բնաւ տարբերութիւն չունենալով Դուինէ, Աղթամարէ, Արգինայէ, Անիէ եւ Հռոմկլայէ, ուր հետզհետէ աթոռը փոխադրուած էր պարագայից յարմարութեամբ, այնպէս որ եթէ տեղափոխութիւնը ներեալ չէր, բոլոր յիշեալ տեղերը նստող կաթողիկոսները հակաթոռներ պիտի նկատուէին: Հետեւաբար այդ վերջին տեղափոխութիւնն ալ պէտք չէ որեւէ դիտողութեան նիւթ ընել, եւ չենք իմանար թէ ինչպէս Եփրեմ Աջապահեան կրնայ պնդել, թէ հայրապետական շառաւիղ առ ի սրբոյն Գրիգորէ Լուսաւորչէն սկսեալ, մնաց ի գերագահին Կիլիկիոյ ( ԱՋԱ. 52): Մանաւանդ որ եթէ առաջին տեղափոխութիւնները հայրապետական աթոռը նախնական եւ նուիրական տեղէն կը հեռացնէին, վերջին տեղափոխութիւնը զայն պատահական եւ օտարական թափառումներէ ազատելով իւր նախնական եւ նուիրական տեղը կը դարձնէր: Նկատողութեան արժանի է նաեւ, որ թափառումներուն միակ արդարացուցիչ փաստը, քաղաքական իշխանութեան կեդրոններուն տեղափոխութիւնն էր, երբ հետզհետէ մարզպաններ Դուին, Արծրունիներ Աղթամար, Բագրատունիներ Անի, Պահլաւունիներ Հռոմկլայ, եւ Ռուբինեաններ Սիս կը տանէին իրենց իշխանական կեդրոնը: Այլ երբ քաղաքական իշխանութիւնը իսպառ կը ջնջուէր ազգին մէջէն, եւ Հայաստանի տիրող պետութիւնը ոչ Եգիպտականն էր եւ ոչ Կիլիկեանը, այլեւս ոչ մի արդարացուցիչ պատճառ չէր մնար, որ պանդխտութիւնը շարունակէր, եւ հայրապետական աթոռը իւր նախնական եւ նուիրական սրբավայրէն դուրս թափառէր: Քաղաքական անկումը` եկեղեցական անկումն ալ առաջ բերած էր հայրապետութեան վրայ, որ իր շուքն ու փառքը կորուսած, ափ մը բաղդախնդիր եկեղեցականներու ձեռք մնացած, ազգային մարմնոյն հսկողութենէն հեռացած, ուղղութիւն եւ աւանդութիւն մոռցած, եկեղեցւոյ շահն ու սրբութիւնը մէկ կողմ թողած, լոկ անձնական եւ արկածալից գործերու կը հետեւէր, աւելի ճիշդն ըսելու համար` կաթողիկոսական աթոռը իւր ազդեցութիւնը կորուսած, լերան մը անկիւնը ինքնիր գլուխ լքուած, անուն մըն էր եղած այլեւս առանց իրական իշխանութեան եւ գործնական օգտակարութեան: Այդ կացութեան ինկած էր Սիսը, եւ հնար չէր որ իբր եկեղեցւոյ գերագոյն հայրապետին աթոռանիստը մնայր, մանաւանդ որ բաւական ատենէ իվեր ձեռնարկուած միջոցները, Գրիգոր Տաթեւացիի ճիգերը, Պօղոս Գառնեցիի աշխատութիւնները, եւ հանրային զգացումին պահանջները, արդիւնք մը չէին ունեցած վիճակը փոփոխելու, բարեկարգութիւնը վերականգնելու, եւ արժանաւոր եւ օրինաւոր կացութիւն մը վերարծարծելու: Սսոյ աթոռանիստը իր յետին ստորնութեան հասած էր, ամէնէն անկեալ խիղճերն ալ յուզելու, եւ նոյնիսկ Սսոյ եպիսկոպոսներն ալ զզուեցնելու չափ ( § 1447), որուն չէր կրնար երբեք յարմարիլ գերագահին Կիլիկիոյ կոչումը ( ԱՋԱ. 52):

1452. ՀԱՄԸՆԹԱՑ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐ

Աթոռի տեղափոխութեան ոչ թէ լոկ արդարացեալ, այլեւ պահանջեալ գործ մը եղած ըլլալը ընդունելով մէկտեղ, կրնայ դիտուիլ թէ ուրիշ տեղափոխութիւնները կատարեցին պաշտօնի վրայ եղող կաթողիկոսներ, մինչ այս անգամ նոյն կաթողիկոսը չէր, որ Սիսէ Էջմիածին կը փոխադրուէր, այլ նոր կաթողիկոս մը կ՚ընտրուէր Էջմիածինի մէջ: Չամչեան, այդ կէտը պարզելու համար կը յիշէ նախապէս, թէ Մուսաբէգեանցի ընտրութիւնը կատարուած էր առանց հաւանութեան երեւելի առաջնորդաց եւ աթոռոց, որով ըսել կ՚ուզէ թէ օրինաւորապէս ընտրեալ կաթողիկոս չէր, եւ թէ ազգը իրաւունք ունէր զայն չընդունիլ եւ չճանչնալ, եւ նոր ընտրութիւն կատարել: Իրօք ալ պատմուած պարագաներն ալ կը վկայեն, թէ նախորդին սպանութեամբ, եւ հետապնդողի մը դէմ մրցելով յաջողած էր Մովսէս իշխանի որդին Գրիգոր` հայրապետական աթոռին տիրանալ ( § 1441), եւ ինչպէս Յովսէփը ( § 1442), նոյնպէս Գրիգորն ալ հնար էր կաթողիկոսներու շարքին մէջ չառնել: Ուրիշ պարագայ մըն ալ ունինք նմանապէս Չամչեանէ յառաջ բերուած, անշուշտ աղբիւրէ մը քաղելով, թէ Արեւելեայք գրեցին առ Գրիգոր Մուսաբէգեանց եւ հրաւիրեցին գալ յԷջմիածին, եւ թէ սա չեառ յանձն գալ անդր ( ՉԱՄ. Գ. 486): Ասկէ ալ կը հետեւի, որ Մուսաբէգեանց երթալ չուզելով, հրաժարեալ նկատուեցաւ, եւ թէ ոչ յայտնապէս, գոնէ լռելեայն նոր ընտրութեան հաւանեցաւ, կամ թէ իբր ըմբոստ դատուեցաւ, եւ գահընկէց հռչակուեցաւ: Չամչեանի յառաջ բերած պարագաները նկատի չ՚առնելով ալ, մենք պիտի յայտարարենք թէ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ սկզբունքով` ոչ աթոռը, եւ ոչ եկեղեցին, որեւէ աթոռակալի կամ հայրապետի տիրապետական կամքին չեն յանձնուիր: Հայոց եկեղեցին, իւր կաթողիկոսներն ալ ազգային ընդհանուր ժողովին ենթարկեալ գիտէ, եւ ժողովով դատուելնին ու գահընկէց ըլլալնին կ՚ընդունի: Պատմութիւնը մեզի ցուցուց թէ' դատուած եւ արդարացած, եւ թէ' դատուած ու դատապարտուած եւ թէ' ժողովով գահընկեց հռչակուած կաթողիկոսներ, որ այդ սկզբունքին գործնական ցուցմունքներն են: Ըստ այսմ, եթէ Մուսաբէգեանցի ընտրութիւնն օրինաւոր համարուի կամ ոչ, կամ եթէ Մուսաբէգեանց Էջմիածին երթալու հրաւիրուած ըլլայ կամ ոչ, երբոր համակամ եւ համաձայն ազգային ժողով մը դադարած կը հռչակէ Մուսաբէգեանցի կաթողիկոսութիւնը, եւ եւ աթոռը դադարած ճանչնալով, նոր կաթողիկոս կ՚ընտրէ, այլ եւս խնդրոյ տեղի չկրնար ըլլալ գործին կանոնաւորութեան, եւ նոր ընտրեալին օրինաւորութեան վրայ: Երբոր Պիսայի եւ Կոստանդիոյ ժողովները, պաշտօնի վրայ գտնուողները մերժելով Աղեքսանդր Ե. կամ Մարտինոս Ե. պապերը ընտրեցին ( § 1431), եւ երկուքն ալ իբրեւ օրինաւոր պապեր ընդունուեցան Հռոմէականներէն, չենք իմանար թէ ինչպէս Հայ հռոմէականներ կը յաւակնին հակաթոռ մը ցուցնել Վաղարշապատի ազգային ժողովէն ընտրուած կաթողիկոսը ( ԸՍՏ. 248), որպէսզի օրինաւոր կաթողիկոսութիւն սեփականեն Կիլիկիոյ աթոռին, եւ Կիլիկիոյ անունով արդարացնեն դարեր վերջ ստեղծուած Հայ կաթոլիկ կաթողիկոսութիւնը: Հակաթոռութեան վճիռը ոչ թէ աթոռակալ մը կու տայ իրեն մրցակիցին դէմ, այլ հանրութիւնը, այսինքն ազգն ու եկեղեցին, մէկուն դիրքը պաշտպանելով եւ զօրացնելով, եւ միւսին ներքին ու արտաքին ճանաչումը զլանալով, մին օրինաւոր ու միւսը ապօրէն մին աթոռակալ ու միւսը հակաթոռ կը վճռէ: Վաղարշապատի ժողովը ազգին հանրութեան օրինաւոր ներկայացուցիչն էր, իւր որոշումը վաւերական եղաւ օրէնքով եւ կանոնով, հաստատուն եղաւ գործով եւ արդիւնքով:

1453. ԺՈՂՈՎԻՆ ՆԵՐԿԱՆԵՐԸ

Վաղարշապատի 1441 տարւոյ ժողովին ընդհանուր ազգային ժողով ըլլալուն կը վկայեն անոր կազմութիւնը, եւ ներկաներուն թիւը: Մեծոփեցին աւելի քան զերեք հարիւր անձինս կը հաշուէ ներկայ եկեղեցականաց թիւը ( ԿՈՍ. 53), եւ այս բաւական է, առանց պէտք ունենալու յիշատակարանի մը համեմատ եօթն հարիւրի բարձրացնելու ներկայից թիւը ( ՓԻՐ. 133): Ժողովի եկողներուն ամէնքն ալ ձայնի տէր անձինք էին, զի երեսունէ աւելի ականաւոր եւ անունով յիշուած ներկաներէն, եւ քսանէ աւելի գրաւոր մասնակցողներէն զատ` կային այլ բազում վանօրայք եւ կրօնաւոր սուրբ հարք եւ պատուական երիցունք ( ԿՈՍ. 52), կամ ուրիշ բառերով վանահայրներ, վարդապետներ եւ աւագերէցներ, որոնք միշտ ժողովներու մէջ ընդունուած էին, ինչպէս Սսոյ ( ԿԱԼ. 460) եւ Ատանայի ( ԿԱԼ. 565) ժողովներու մէջ ալ ներկայ էին: Աշխարհական ներկայացուցչութիւնն ալ պատրաստ էր, եւ այս դիտմամբ կը յիշուին ազատք եւ որդիք ազատաց, ձեռնաւորք եւ տանուտէրք ( ԿՈՍ. 53), որոնք քաղաքական կարգերու խանգարուելէն ետքը, նախարարներու եւ սեպուհներու ու իշխաններու տեղը կը բռնէին, եւ դարուն սովորութեան համեմատ աշխարհիկ դասակարգը կը ներկայացնէին: Անունով յիշուած եպիսկոպոսներն ու վարդապետները կը քաղենք Մեծոփեցիէ ( ԿՈՍ. 51-53): Նախապէս յիշենք չորս աթոռները, որոնք հին կանոնով կաթողիկոսընտիր ճանչցուած էին, իբրեւ զանազան բաժիններու ներկայացուցիչներ ( § 930): Ըստ այսմ կը տեսնենք որ Վաղարշապատի ժողովին ներկայ էին Գրիգոր Արտազի, Գրիգոր Հաղբատի, Շմաւոն Տաթեւի եւ Յովհաննէս Բջնոյ եպիսկոպոսները: Սիւնեցիներու եւ հիւսիսային գաւառներու կողմէն հոն էին Յովհաննէս Հերմոնեցի մեծ վարդապետը, Զաքարիա Հաւուցթառայ եւ Ստեփանոս Սիւնեաց արքեպիսկոպոսները, եւ անոնց հետ Զաքարիա Նորավանքի ու Մարտիրոս Սեւորդեաց եպիսկոպոսները, եւ Դաւիթ Սիւնեցի ու Ստեփանոս Սիւնեցի վարդապետները` Հերմոնեցիին ձեռնասուններ: Հիւսիսայիններուն հետ յիշենք եւս Ազարիա Գանձասարի կամ Աղուանից եպիսկոպոսը, որ յատուկ վիճակ մը կը ներկայացնէր: Այրարատի կամ Միջնաշխարհի վիճակներէն հոն էին Գաբրիէլ Էջմիածինի, Կարապետ Յովհաննավանքի, Անտոն Խորվիրապի, Յակոբ Կողբի, Մկրտիչ Բագրեւանդի եպիսկոպոսները, եւ Սարգիս Ձագավանեցի եւ Տիրացու Վանանդեցի վարդապետները: Վասպուրականցիներն ալ բաւական թուով եկած էին, գլուխնին ունենալով Յովհաննէս Արճէշի եպիսկոպոսը եւ Թովմաս Մեծոփեցի եռանդուն գործիչը: Ասոնց հետ էին Կիրակոս Ռշտունցի, Մկրտիչ Մեծոփեցի, Կարապետ Խառաբաստեցի, Յովսէփ Սուխարեցի, Ղազար Բաղիշեցի, Ստեփանոս Արծկեցի, Յովհաննէս Արծկեցի, Զաքարիա Վարագցի, եւ Յովհաննէս Վարագցի վարդապետները, որոնց վրայ ուրիշ յիշատակարան մը կ՚աւելցնէ Սարգիս Արծկեցի եւ Յովհաննէս Խլաթեցի վարդապետները ( ՉԱՄ. Գ. 487): Դարձեալ մի այլ յիշատակարանի մէջ ալ կը գտնենք Կարապետ Մեծոփեցի, Մկրտիչ Հողեցի, եւ Մկրտիչ Ողբեկենց վարդապետները ( ՓԻՐ. 122), որոնց վերջին երկուքը ուրիշ տեղ Հողձեցի եւ Օղուլբէգեան անունով յիշուածներն են ( § 1380): Սալնապատի Կիրակոս անունը կրկին յիշուած է թէ ներկաներու եւ թէ բացականերու մէջ, եւ հաւանաբար եպիսկոպոս մըն է ներկայն, եւ համանուն վարդապետ մըն է թղթով մասնակցողը:

1454. ԳԻՐՈՎ ՀԱՒԱՆՈՂՆԵՐ

Հեռաւորութեան պատճառով, կամ թէ քաղաքական արգելքով, շատեր անձամբ ներկայ չկրնալով ըլլալ թղթով միաբանեալ են Վաղարշապատի ժողովին, եւ ասոնց գլխաւոր խումբը կը կազմեն Տարոնցի վարդապետները: Գլակայ Ս. Կարապետի գերահռչակ վանքէն, Յովսէփ եւ Աւետիս եպիսկոպոսներ, եւ Թորոս, Բարսեղ ու Գրիգոր վարդապետներ, Տիրինկատարի Ս. Առաքելոց վանքէն Պօղոս եւ Զաքարիա վարդապետներ, Սասունի Մատին Առաքելոյ վանքէն Յովհաննէս վարդապետ, Վանատուրի վանքէն Կիրակոս վարդապետ, եւ Բաղէշի վանքերէն Դաւիթ եպիսկոպոս եւ Սահակ ու Ստեփանոս վարդապետներ: Բացականերուն երկրորդ խումբն ալ, որոնք թղթով միաբանեալ են, Աղթամարցիներն են, որոնց գլուխը կը յիշուին Աւետիս վարդապետ Սուրբխաչեցի, եւ Յովհաննէս վարդապետ Ապարանեցի, Հիղանու եւ Ապարանից վանքերու առաջնորդներ, Գամաղիէլի վանքէն Յովհաննէս եւ միւս Յովհաննէս, Բարեձորոյ վանքէն դարձեալ Յովհաննէս եւ Հիզանի վանքէն Կարապետ վարդապետներ: Աղթամարցի վարդապետներուն մասնակցութիւնը կը հաստատէ Զաքարիա կաթողիկոսի համաձայնութիւնը Վաղարշապատի ժողովին գործին հետ, թէպէտեւ անձամբ ներկայ ըլլալ չէ ուզած, եւ յատուկ թուղթ գրելն ալ չէ յիշուած: Այս անուններու մէջ Երուսաղէմի պատրիարքութեան կողմէն պատգամաւորի մը անունը չենք գտներ, բայց զարմանալու չէ, զի Երուսաղէմ իւր առանձնացեալ դիրքին մէջ եւ շարունակ ազգային հաստատութեանց պաշտպանութեան զբաղած, դիւրութիւն չունէր ընդհանուր գործերով զբաղելու, բաւական սեպելով հանրութեան ճանչցած կաթողիկոսէն ձեռնադրութիւն ստանալ, եւ ինքնուրոյն կերպով իւր գործերը վարել: Իսկ Կիլիկիոյ աթոռին եւ Կիլիկեան վիճակներու համար բաւական նշանակալից են չորս եպիսկոպոսներուն նամակն ու դիմումը ( § 1447), եւ Մուսաբէգեանցի ընթացքին մասին յայտնուած կարծիքները ( § 1452): Բայց ամէնէն աւելի մեր տեսութիւնը հաստատող պարագայն, Սսոյ աթոռին պահած լռութիւնն է հրապարակաւ կատարուած եւ իրեն վերաբերեալ գործի մը հանդէպ, վասնզի անոր կողմէն ոչ մի բողոքի եւ ոչ մի հակառակութեան յիշատակութիւն չկայ Վաղարշապատի ժողովին ըրածին դէմ: Ըստ այսմ ամէն տեսութիւններ եւ հանգամանքներ կու գան ապացուցանել, թէ Վաղարշապատի ժողովը ընդհանուր ազգին եւ ընդհանուր եկեղեցականութեան համակամ եւ համահաճ համաձայնութեամբ գործեց առանց բացառութեան, եւ օրինաւոր ու վաւերական ժողով եղաւ, եւ եկեղեցական կանոններու եւ ազգային իրաւունքներու հիմամբ կատարուեցաւ հայրապետական աթոռին Սիսէ Էջմիածին փոխադրուիլը, ուրկէ հեռացած էր 484-ին Մանդակունիին օրով, եւ հաստատուած էր Դուին` Էջմիածինէ ոչ շատ հեռու ( § 321), եւ անկէ ալ կը հեռանար 928-ին Դրասխանակերտցիի օրով ( § 732), եւ վերջապէս իր նախնական եւ նուիրական սրբավայրը կը դառնար 957 տարի աստանդական թափառելէ ետքը:

1455. ԳՈՒՇԱԿԱԿԱՆ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐ

Որչափ ալ ներքին կերպով գործին բնութեան հետ կապուած չըլլան, սակայն աւելորդ չենք սեպեր յառաջ բերել ինչ ինչ պատահարներ, որոնք նոյն ժամանակի գործիչներուն ըմբռնումով գործին օրինաւորութիւնն ու յաջողութիւնը երաշխաւորած են: Որովհետեւ նոյնիսկ այս տեսակ դիւրահաւան եւ աւելորդապաշտ ըմբռնումներով երեւան կու գայ, թէ եղած գործը ոչ մի դժուարութեան հանդիպած չէ, եւ ամենայն ինչ դիւրասահ կերպով եւ ընդհանուր հաւանութեամբ կատարուած է, այնպէս որ Մեծոփեցին համարձակ կը գրէ, թէ ամենեքեան միաբանութեամբ, եւ ընտրութեամբ Հոգւոյն Սրբոյ, տեսլեամբ գիշերոյ, եւ յանուրջս երազոյ, հաւանութեամբ ամենայն Հայկազեան գաւառի, աղօթիւք եւ բարեխօսութեամբ ամենայն սրբոց, սկսան ու լրացուցին առաջադրեալ գործը ( ԿՈՍ. 53): Մեծոփեցին Մեծոփայ վանքէն չմեկնած երեք անգամ աւետարանի վրայ վիճակ կը բանայ, եւ հետզհետէ կը գտնէ, Դարձաւ Յիսուս ի գաւառ իւր ( ՄԱՐ. Զ. 1), Քաջալերեցարուք զի ես յաղթեցի աշխարհի ( ՅՈՀ. ԺԶ. 33), եւ դարձեալ Դարձաւ Յիսուս ի գաւառ իւր: Մեծոփէ մեկնած ատեննին բարեպաշտ մարդ մը կու գայ պատմել, որ գիշերը տեսեր է կարմրով, կանաչով եւ սպիտակով սպառազինեալ զօրքեր` որոնք ըսեր են թէ զօրք Էջմիածնի եմք, եւ օդէն թռչելով գացեր են Վաղարշապատ ( ԿՈՍ. 97): Յիշուած երեք գոյները Հայկական եռագոյնը կազմած ըլլալու նշանակութիւնն ունին: Կրօնաւոր մը երազ տեսեր է թէ արեւը խաւարելով արեւմուտք եւ հիւսիս կը պտտի, եւ Էջմիածնի դուռը գալով կը լուսաւորուի: Ուրիշ կրօնաւոր մըն ալ տեսեր է սպիտակ ձիու մը վրայ նստած լուսաւոր մարդ մը, որ Ֆրանկաց երկրէն կու գայ, Վաղարշապատ կը մտնէ, եկեղեցին բանալ կու տայ, անկէ ժողովուրդը ատոքացեալ արտ մը կը տանի, եւ ամէնուն մանգաղներ կը բաժնէ որ հնձեն: Ուրիշ մըն ալ Օշական Ս. Մեսրոպի գերեզմանին գացած կ՚ըլլայ, հոնկէ գաւազան մը կը բերէ, եկեղեցիին մէջ կը տնկէ, ուրկէ խնձորներ կը հասնին եւ կը ճաշակեն: Այլազգի կին մը կաթողիկէի եկեղեցին կանթեղներով լեցուն կը տեսնէ: Աստուածապաշտ մարդ մըն ալ երկինքէն կախուած կանթեղ մը կը տեսնէ, եւ ձայն մը որ կ՚ըսէ, կանթեղս Էջմիածին է ( ԿՈՍ. 72): Այս երազապատում զրոյցներ իրաւ գործին իսկութեան համար փաստ մը չեն, բայց կը բաւեն ցուցնել թէ ամենայն ինչ առանց հակառակութեան եւ առանց դժուարութեան կատարուած է, եւ թէ ամենուն համոզումը եղած է, որ իրենց ձեռնարկը աստուածային պաշտպանութեամբ եւ առանց արգելքի վերջացած է: Ամէն դար իրեն մէկ մտածելու եւ գործելու կերպն ունի, Միջինդարն ալ աւելորդապաշտ էր թէ Արեւելքի եւ թէ Արեւմուտքի կողմերը: Իսկ մենք ոչ թէ անոնց իսկութեան, այլ այդ ձեւերու մէջ ծածկուած համոզման մտադրութիւն կ՚ընծայենք:

1456. ԱՋԸ ՅԱՅՏՆՈՒԱԾ

Յառաջ բերուած երազապատում զրոյցներէ շատ տարբեր է, եւ ազգային ըմբռնումի հիմ կը կազմէ, Լուսաւորչի Աջին տրուած նշանակութիւնը, իբրեւ կնիք եւ երաշխաւորութիւն օրինաւոր եւ ճշմարիտ հայրապետութեան: Այս բանին հաստատութիւնը կը գտնենք այն անխախտ սովորութեան մէջ որով կոնդակները ի սուրբ Աջէն օրհնութեամբ կը մակագրուէին, միւռոնը Աջով կը նուիրագործուէր, եւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութեանց համար ալ Աջը կը գործածուէր: Փոխադրութիւնը կատարելու նախապատրաստութեանց գլխաւորն եղաւ Աջը Սիսէ հեռացնել ( § 1449), իսկ Էջմիածնի մէջ յայտնուիլը` գործին վաւերականութեան փաստ եղաւ: Յիշատակագիր մը կը գրէ. զԱջ Լուսաւորչին ի Սսոյ գողացեալ բերին յԷջմիածին, եւ վերստին հաստատեցին զկաթողիկոսութիւն ( ՍԱՄ. 175): Ուրիշ մըն ալ կը գրէ, թէ սուրբ Լուսաւորչի Աջն կորեալ էր ի Սսոյ, եւ ել համբաւն ի Վաղարշապատ վասն որոյ ժողովեցան եւ հաստատեցին զաթոռն յԷջմիածին ( ՓԻՐ. 133): Նոյն ոճով ուրիշ յիշատակագիր մըն ալ նորընտիր կաթողիկոսը արժանաժառանգ կ՚ընդունի, վասնզի զԱջ սրբոյն Գրիգորի Լուսաւորչին գողացան ի Սսոյ եւ բերեալ եդին յիւր սեպհական աթոռին ( ՓԻՐ. 129): Նոյնինքն Դավրիժեցին ալ կը գրէ, թէ սուրբ աթոռն Էջմիածին յայսմ ժամանակի նորոգեցաւ, քանզի Աջն Սրբոյն Գրիգորի մերոյ Լուսաւորչին ի Սուրբ Էջմիածինն յայտնեցաւ ( ԴԱՎ. 336): Մենք միտք չունինք պնդել, թէ առանց Աջին` Հայոց կաթողիկոսութիւն չի կրնար ըլլալ, սակայն չենք կրնար չճանչնալ, թէ այս եղած է ազգին մէջ տարածուած համոզումը, եւ մտադրութիւն կը հրաւիրենք յառաջ բերուած յիշատակութեանց մէջ գործածուած վասն որոյ ու վասնզի ու քանզի պատճառականներուն, որոնց վրայ կը հիմնուի փոխադրութեան օրինաւորութիւնը: Մեր նպատակն է, ոչ թէ վերացեալ խնդիրներով զբաղիլ, այլ իրապէս եւ գործնականապէս տեղի ունեցած եղելութիւնները վերլուծել եւ բացատրել, եւ անոնց մէջ ծածկուած ընդհանուր ըմբռնումը, ազգային համոզումը, եւ եկեղեցւոյ առումը իվեր հանել, որպէս զի կատարուած եղելութեան ճիշդ իմաստը եւ օրինական զօրութիւնը ցուցնենք: Այս կերպով է որ կը հաստատուի աթոռոյ փոխադրութեան կանոնական ուղղութիւնը. Սսոյ հայրապետանոցին դադարումը, եւ Էջմիածնի հայրապետանոցին վերանորոգումը: Այս եղած է նոյն ատեն ազգին համոզումը, այդ համոզումը անխախտ պահուած է մինչեւ մեր օրը, եւ Հայ եկեղեցւոյ ամէն հաւատացեալներ բնաւ կասկած չունին այդ ճշմարտութեան մասին: