Տ.
ԿԻՐԱԿՈՍ
Ա.
ՎԻՐԱՊԵՑԻ
1457.
ՄՐՑԱԿԻՑ
ԸՆՏՐԵԼԻՆԵՐ
Աթոռոյ
փոխադրութեան
տարւոյն
զատիկը
կ՚իյնար
ապրիլ
16-ին,
եւ
հետզհետէ
կը
սկսէին
հասնիլ
ժողովականները
Երեւան
քաղաքը,
որ
աւելի
յարմար
էր
բազմաթիւ
եկողները
պատսպարելու:
Հարկաւ
այդ
միջոցին
խորհրդակցութիւններ
ալ
կը
կատարուէին
հաւանական
ընտրելիին
վրայ:
Մեծոփեցին
կը
գրէ,
թէ
բազումք
ի
յեղբարցն
յառաջ
կոչեցաք
գալ
ի
յառաջնորդութիւն
Թորգոմական
գրոհիս,
եւ
ոչ
կամեցան
բառնալ
զծանրութիւն
դառնութեան
բարձրագոյն
աստիճանին
(
ԿՈՍ.
69):
Բայց
մենք
այսպէս
լաւատես
պիտի
չըլլանք
հաւանական
ընտրելիներուն
համեստ
զգացումներուն
վրայ,
եւ
մեր
կարծիքը
կ՚արդարացնեն
հետզհետէ
կատարուած
եղելութիւնները:
Հիւսիսայիններուն
մէջէն
Զաքարիա
Հաւուցթառեցին,
որ
եպիսկոպոսներուն
երիցագոյնն
էր,
Յովհաննէս
Հերմոնեցին`
որ
արդիւնաւոր
մեծ
վարժապետն
էր,
եւ
Գրիգոր
Արտազեցին`
որ
մեծ
վիճակի
արքեպիսկոպոս
եւ
ձեռներէց
գործիչ
մըն
էր,
երեքն
ալ
իրենց
սիրտին
մէջ
մեծ
ակնկալութիւններ
կը
տածէին
նախապատուուած
ընտրելին
ըլլալու:
Իսկ
Վասպուրականցիներ
իրենց
միտքը
դարձուցած
էին
Զաքարիա
Աղթամարցիին
վրայ,
որ
ոչ
միայն
կարող
անձ
մըն
էր,
այլեւ
այս
կերպով
Աղթամարի
բաժանումը
պիտի
անհետանար,
եւ
բոլոր
Վասպուրական
եւ
բոլոր
Հայաստան
մէկ
իրաւասութեան
պիտի
վերածուէր:
Մենք
ալ
գործին
վրայ
անկաշկանդ
նայելով
պիտի
համաձայնէինք
ընդունիլ
Վասպուրականցոց
տեսութիւնը,
սակայն
դժբախտաբար
շատ
զօրաւոր
էր
գաւառական
խտրութեանց
գաղափարը,
եւ
Տաթեւեան
աշակերտութիւնը
յանձն
չէր
առներ
այդչափ
բարձրացած
տեսնել
Աղթամարի
բաժանեալ
աթոռը,
որ
մինչեւ
իսկ
իւր
վրան
ալ
իշխէ:
Ուստի
եթէ
յառաջ
կոչուած
ընտրելիները
առերեւոյթ
համեստութեամբ
ետ
կը
քաշուէին,
անկեղծ
խոնարհամտութիւն
չէր
այն,
այլ
ճարտար
հնարիմացութիւն,
իրարմէ
խիթալով
առջեւ
չնետուելու
համար:
Մեծոփեցին
ինքն
ալ
կը
հերքէ
իւր
գրածը,
երբ
կը
խոստովանի
թէ
վարդապետն
այն
Յովհաննէս
Հերմոնեցին,
եւ
Զաքարիայն
Հաւուցթառեցին,
ոչ
կամեցան
Գրիգոր
Արտազեցիին
լինել
կաթողիկոս,
վասն
ատելութեան
որ
առ
նա
ունէին
(
ԿՈՍ.
78):
Չենք
կրնար
ճշդել,
թէ
բոլոր
հաւանական
ընտրելիները
մէկ
կողմ
դնելով,
բոլորովին
դուրսէն,
գործին
չմասնակցած
ու
վրան
չի
խօսուած
անձ
մը
ընտրելու
որոշումը,
կանուխ
կատարուած
խորհրդակցութեանց
մէջ
հաստատուեցաւ,
թէ
ոչ
վերջին
պահուն
Էջմիածնի
մէջ
որոշուեցաւ:
Բայց
ստոյգ
է
թէ
հուսկ
ուրեմն
այդ
խոհական
ձեւով
կատարուեցաւ
ընտրութիւնը:
Մրցակիցներու
մէջ
մղուած
խուլ
պայքարը
կը
հաստատուի
նաեւ
անով,
որ
Երեւանի
կառավարիչ
Եաղուպ
պէկին
կողմէն
հրաման
եղեւ
օրհնել
կաթողիկոս
առանց
հակառակութեան
(
ԿՈՍ.
69),
որ
ըսել
է
թէ
Պարսիկ
իշխանաւորն
ալ
բան
մը
իմացեր
էր
տիրող
հակառակութիւններուն
մասին,
որ
պէտք
զգացեր
է
եպիսկոպոսներն
ու
վարդապետները
խաղաղութեան
յորդորել:
1458.
ԺՈՂՈՎԻ
ԳՈՒՄԱՐՈՒՄԸ
Ընտրողական
գործողութեանց
ամսաթիւերը
Մեծոփեցին
որոշակի
չտար:
Կը
յիշէ
թէ
Երեւան
հասնելով
սիրալիր
ընդունելութիւն
գտան
ազգայիններէն,
որոնք
մեծաւ
ուրախութեամբ
ընդ
առաջ
ելին,
վասնզի
ի
վաղուց
հետէ
անտերունջ
էին,
եւ
չէին
տեսած
այսչափ
վարդապետք
եւ
եպիսկոպոսք
ի
մի
միաբանութիւն:
Երեւան
հասնելէն
ի
միւս
օրն
Եաղուպ
պէկէն
հրաւէր
ստացան,
եւ
անոր
մօտ
գացին,
զի
կ՚ըսէ
թէ
հասաք
առ
նա,
եւ
Եաղուպ
սիրով
ընդունած
է
զիրենք
իբրեւ
զթագաւոր
քրիստոնէից
(
ԿՈՍ.
68):
Յայտնի
է
որ
Եաղուպ
աշխարհաշէն
նպատակներ
ունէր,
եւ
կ՚ուզէր
իր
գաւառը
շէնցնել,
այն
տեղ
հաստատել
տալով
Հայերուն
կեդրոնը,
եւ
զանոնք
քաջալերելով
ազատօրէն
իրենց
մտադրութիւնը
կատարել:
Երբոր
ժողովականները
իրեն
մօտ
կը
հաւաքէ,
զանոնք
հանդէսով
ճանպայ
կը
հանէ,
անոնց
ընկերակից
կու
տայ
զզօրս
իւր,
եւ
գործին
աւելի
փայլ
աւելցնելու
համար,
փողով
եւ
թմբկով
եւ
գոչմամբ
բարձրագունիւ
կու
գան
կը
մտնեն
ի
սուրբ
քաղաքն
Վաղարշապատ
(
ԿՈՍ.
69):
Չենք
կրնար
ենթադրել
թէ
ամէնքը
մէկ
օր
Երեւան
հասած
եւ
ի
միւս
օրն
Վաղարշապատ
եկած
եւ
ընտրութիւն
կատարած
ըլլան,
եւ
երկու
օրուան
մէջ
ամէն
գործ
լրացած
ըլլայ:
Միւս
կողմէն
տօնական
օրերու
յիշատակութիւններ
ալ
չունինք,
որ
անոնցմէ
ամսաթիւ
քաղենք,
բայց
չենք
կարծեր
թէ
Վաղարշապատի
ժողովը
բացուած
ըլլայ
Համբարձումէն
առաջ,
որ
այն
տարի
կը
հանդիպէր
մայիս
25-ին:
Ընտրողական
գործողութեանց
մանրամասնութիւններ
ալ
կը
պակսին:
Մեծոփեցիին
պատմած
ձեւն
ալ
քիչ
մը
տարօրինակ
կ՚երեւի,
երբ
կ՚ըսէ,
թէ
արկին
վիճակ
ի
սուրբ
աւետարանն,
եւ
ել
վիճակն
Կիրակոս
հայրապետին
(
ԿՈՍ.
72),
վասն
զի
աւետարանին
մէջ
Կիրակոսի
անունը
գտնել
հնար
չէր:
Ուստի
պէտք
է
ըսել,
թէ
Կիրակոսի
վրայ
համաձայնութիւն
գոյացնելէն
ետքը,
աւետարանի
վիճակին
ալ
դիմած
են,
եւ
աւետարանը
բացած
ատեննին
նպատակայարմար
տունի
մը
հանդիպած
եւ
այս
կերպով
կատարած
ընտրութիւննին
վերնային
կամքին
համաձայն
ճանչցած
են:
Կիրակոս,
որ
այս
կերպով
կաթողիկոսութեան
կը
բարձրանար,
Մասիս
լերան
ստորոտը,
Ակոռի
աւանին
մօտ,
Վանաստան
անապատին
մէջ
ճգնող
վարդապետ
մըն
էր,
հեռու
ամէն
աշխարհային
գործերէ
եւ
անմասն
փոխադրութեան
գործին
աշխատութիւններէն,
որով
իսկապէս
փնտռուած
չէզոք
անձն
էր,
որ
ներհակընդդէմ
մրցակցութիւնները
պիտի
լռեցնէր:
1459.
ԿԻՐԱԿՈՍԻ
ՆԱԽԸՆԹԱՑԸ
Կիրակոս
Վասպուրականցի
էր,
Արճէշ
կամ
Քաջբերունեաց
գաւառի
Խառաբաստ
գիւղէն
(
ԿՈՍ.
54)
եւ
Խըլոց
ազգատոհմէն
(
ԹՈՐ.
Ա.
224):
Ծննդեան
տարին
որոշ
նշանակուած
չէ,
բայց
եթէ
1397-ին
քահանայ
ձեռնադրուեցաւ
Արտազու
Պօղոս
եպիսկոպոսէն
(
ԿՈՍ.
54),
գոնէ
25
տարեկան
եղած
ըլլալու
է,
որով
ծնունդը
կրնայ
դրուիլ
շուրջ
1370-ին,
եւ
70
տարեկան
եղած
կ՚ըլլայ
1441-ին:
Առաջին
աշակերտութիւնը
սկսած
է
իրեն
ծննդավայրին
մօտ
եղող
Սուխարու
վանքին
մէջ,
նախ
Սարգիս
Ապրակունեցիի
եւ
յետոյ
Վարդան
Հոգոցեցիի
մեծ
վարժապետաց
ձեռքին
տակ
(
ԿՈՍ.
54):
Եղած
է
նաեւ
Սարի
վանքը
Սարգիս
Սորբեցի
վարդապետին
մօտ,
Աղթամարայ
վիճակին
մէջ,
հաւանաբար
Սուխարու
եւ
Սալնապատի
վանքերուն
լքուելէն
ետքը:
Բայց
վերջէն
Վասպուրականի
կողմերը
թողած
է
առանձնութեան
եւ
ճգնութեան
փափաքով,
եւ
1409-ին
հաստատուած
է
Այրարատ
գաւառի
Խորվիրապի
վանքը,
որ
է
սուրբ
ուխտն
եւ
կենդանաթաղ
գերեզման
Լուսաւորչին,
եւ
ուր
երկար
ատեն
մնալովը
Վիրապեցի
կոչումը
ստացած
է
իբրեւ
մակդիր
անուն:
Ճգնողական
կեանքին
մէջ
աւելի
խստութեանց
դիմելով,
վերջին
տարիներ
Խորվիրապի
վանքն
ալ
թողած,
գացած
էր
Արարատի
ստորոտը,
Ակոռիէ
ոչ
շատ
հեռու
Վանաստան
կոչուած
տեղը,
եւ
հոն
իրեն
յատուկ
ճգնարան
հաստատած,
ուր
կը
գտնուէր
առանձնացեալ
երբ
փոխադրութեան
խնդիրով
Արեւելեայք
ոտքի
վրայ
էին:
Կիրակոսի
գովաբան
Մեծոփեցին
կ՚ըսէ
թէ
քահանայական
ձեռնադրութիւն
ստացած
օրէն
ոչ
միս
ճաշակեալ
էր,
եւ
ոչ
գինի
ըմպեալ,
եւ
ոչ
կիթ
անասնոց
կերեալ,
գովելի
եւ
առաքինի
սրբութեամբ
սնեալ,
սրբաբերան,
հեզ
եւ
խոնարհ,
ոչ
նզովք
եւ
ոչ
անէծք
ի
բերանոյն
ելեալ
(
ԿՈՍ.
54):
Մեծոփեցին
ոչ
միայն
գովաբանը,
այլ
եւ
պաշտպանը
եղած
է
Կիրակոսի,
եւ
շատ
հաւանականութեամբ
երբ
յոտն
Մասեաց
ի
յԱկոռի
կը
հանդիպէր
(
ԿՈՍ.
67),
իւր
միտքը
հաստատած
էր
Կիրակոսը
առաջ
քշել,
եթէ
Զաքարիա
Աղթամարցին
դժուարութեան
բաղխէր:
Կիրակոս
ծննդեամբ
եւ
աշակերտութեամբ
Վասպուրականցի,
այլ
երեսուն
եւ
երկու
ամաւ
յառաջ
ելեալ
ի
գաւառէն
իւրմէ
(
ԿՈՍ.
54),
այլեւս
Վասպուրականցիներէ
զատուած
կրնար
նկատուիլ,
եւ
Սիւնեցիներու
եւ
Արարատցիներու
կողմէ
ընդունելի
ըլլալ,
ինչպէս
եղաւ
ալ:
1460.
ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ
ՊԱՐԱԳԱՆԵՐ
Ամենայն
հաւանականութեամբ,
Կիրակոս
ալ
այն
երեք
հարիւր
ժողովականներէն
մէկն
էր,
որոնք
Վաղարշապատ
հաւաքուած
էին,
որովհետեւ
չենթադրուիր
որ
այդպիսի
բացառիկ
պարագայի
մէջ
ալ
թողած
չըլլայ
իւր
ճգնարանը:
Երբոր
ընտրութիւնը
լրացաւ
եւ
աւետարանի
վիճակով
ալ
նուիրագործուեցաւ,
Կիրակոս
առանց
հակառակութեան
եկեալ
կանգնեցաւ
ի
մէջ
ահագին
ատենին,
ինչ
որ
ամէնուն
զարմանքը
գրաւեց,
զի
կարի
անհնազանդ
բարս
ունէր
եւ
ատէր
զփառս
երկրաւորս,
եւ
ամէնքը
կը
սպասէին
ու
խուսափէ
եւ
հրաժարի,
եւ
չէին
կարծեր
որ
նա
յանձն
առնուր
զհնազանդութիւն
եւ
զթողուլ
կամաց
իւրոց
(
ԿՈՍ.
73):
Գուցէ
կաթողիկոսութեան
փափագողներ
եւ
անոնց
կողմնակիցներ
կրնային
յուսալ
որ
Կիրակոսի
հրաժարելով
գործը
նոր
կերպարան
առնէր,
եւ
իրենց
համար
հաւանականութիւն
ստեղծուէր,
բայց
վերջապէս
անդիմադարձ
համաձայնեցան,
վասնզի
երկու
խումբերուն
մէջ
տեղ,
չեզոք
եւ
ոչ
մէկէն
եղող
մէկ
մը
կ՚ընտրուէր,
եւ
լոկ
առաքինութիւնն
ու
սրբութիւնն
էր,
որ
յաղթանակ
կը
տանէր,
եւ
ոչ
գործունէութեան
եւ
ճարտարութեան
առաւելութիւնը:
Կիրակոս
պարզ
վարդապետ
էր,
հետեւաբար
պէտք
էր
որ
մեծ
աստիճան
եւ
եպիսկոպոսութիւն
ալ
առնէր
կաթողիկոսական
օծում
ստանալէ
առաջ,
ուստի
նախ
այդ
պէտքը
լրացնելու
ձեռնարկեցին,
եւ
Մեծոփեցին
կը
գրէ
թէ
սկիզբն
արարաք
ձեռնադրութեան:
Զանազան
ակնարկներէն
կը
յայտնուի
թէ
Յովհաննէս
Հերմոնեցին
տուած
է
ծայրագոյն
գաւազանը
(
ԿՈՍ.
84),
եւ
Զաքարիա
Հաւուցթառեցին
եպիսկոպոսութեան
աստիճանը
եպիսկոպոսներու
ընկերակցութեամբ
(
ԿՈՍ.
78),
իսկ
կաթողիկոսական
ձեռնադրութեան
մասնակցած
են
անշուշտ
այն
երկոտասան
եպիսկոպոսք
աստի
եւ
անտի
(
ԿՈՍ.
52),
որոնց
անունները
մի
առ
մի
յիշած
է
Մեծոփեցին,
հարկաւ
երիցութեան
կարգն
ալ
պահելով,
եւ
են
Զաքարիա
Հաւուցթառի,
Գաբրիէլ
Էջմիածնի,
Կարապետ
Յովհաննավանքի,
Յովհաննէս
Բջնոյ,
Անտոն
Խորվիրապի,
Յովհաննէս
Արճէշի,
Յակոբ
Կողբի,
Մկրտիչ
Բագրեւանդի,
Մարտիրոս
Հաղբատի,
Ազարիա
Գանձասարի,
Զաքարիա
Նորավանքի,
եւ
Ստեփանոս
Սիւնիքի:
Հաւուցթառեցին
առաջինն
է
այդ
խումբին,
որուն
մէջ
մտած
են
Սիւնիքի,
Այրարատի
եւ
Վասպուրականի
եպիսկոպոսներ
անխտիր`
ամէնուն
ալ
մասնակցութիւնը
նուիրագործելու
համար:
Ձեռնադրութեան
օրը
նշանակուած
չէ,
բայց
նկատելով
որ
ի
սուրբ
Պենտէկոստէն
աւուր,
այսինքն
է
յունիս
4-ին,
օրհնած
են
զաստուածագործակ
միւռոնն
(
ԿՈՍ.
74),
կաթողիկոսական
ձեռնադրութենէն
անմիջապէս
ետքը,
ամենայն
հաւանականութեամբ
նախընթաց
կիրակին
մայիս
28-ին,
կաթողիկոսական
օրհնութիւնն
է
տրուած,
երբ
արծիւ
մըն
ալ
սաւառնեալ
թեւօք
նստած
է
ի
վերայ
գլխոյ
Էջմիածնի
(
ԿՈՍ.
73):
Ըստ
այսմ
Համբարձման
օրը,
մայիս
25-ին
ընտրութիւնը
լրացած
կ՚ըլլայ,
եւ
յաջորդ
երկու
օրերուն
մէջ
ալ
վարդապետութեան
եւ
եպիսկոպոսութեան
կարգերը
կատարուած:
1461.
ՄԻՒՌՈՆ
ԵՒ
ՕՐՀՆԱԳԻՐԵՐ
Վերանորոգեալ
աթոռին
առաջին
գործն
եղաւ
միւռոնի
օրհնութիւնը,
ուզելով
խորհրդական
պէտք
մը
լրացնել,
եւ
միանգամայն
ջնջել
Սսոյ
աթոռին
մէջ
կատարուած
զեղծումներէն
մէկը,
որ
էր
միւռոնի
վաճառումը
ծանր
վճարումներու
փոխարէն:
Իբրեւ
առաջին
բարեկարգական
կանոն
կը
հռչակէ
Մեծոփեցին,
թէ
միւռոնը
բաժանեցաք
ընդ
ամենայն
յազգս
Թորգոմեան,
եւ
կանոնեցաք
ձրի
տալ
եւ
ձրի
առնուլ,
եւ
բարձաք
զաղանդն
սիմոնական
(
ԿՈՍ.
74):
Միւս
այլ
կարեւոր
գործն
եղաւ
Աղթամարի
աթոռին
կապանքը
կամ
բանադրանքը
վերցնել,
որ
սկսած
էր
Գրիգոր
Պահլաւունիի
կաթողիկոսութեան
սկիզբը
(
§
929),
եւ
որով
զբաղեր
էին
Գրիգոր
Անաւարզեցի
(
§
1203),
եւ
Յակոբ
Սսեցի
կաթողիկոսները
(
§
1398):
Արձակումը
աւելի
ընդարձակ
իմաստով
տարածուեցաւ
յընդհանուր
տեղիս
Հայոց
ազգիս,
արձակելով
զամենայն
կապեալս
եւ
զբանադրեալս
յանիծիցն
(
ՉԱՄ.
Գ.
488),
ինչ
որ
պահանջ
մըն
էր
Սսոյ
վերջին
կաթողիկոսներուն
աջ
ու
ձախ
նզովքներ
տեղացուցած
ըլլալուն
համար,
որոնք
անիծիւք
նզովից
եւ
բանադրութեամբ
կապանաց
զաշխարհս
մեր
լցին
(
ԿՈՍ.
57),
եւ
պէտք
էր
ընդհանուր
արձակումով
մը
բոլոր
սիրտերը
հանդարտեցնել:
Աղթամարի
արձակումը
յատկապէս
յիշուած
է,
զԱղթամարայ
կաթողիկոսն
զտէր
Դաւիթ
բացատրութեամբ
(
ՉԱՄ.
Գ.
488),
ուսկից
ոմանք
հետեւցուցին
թէ
ժամանակին
կաթողիկոսը
Դաւիթ
եղած
ըլլայ
(
ՉԱՄ.
Գ.
467),
մինչ
Զաքարիա
ըլլալը
յայտնի
է:
Իսկ
Դաւիթի
մը
անունին
յիշուիլը,
կրնայ
թէ
առաջին
հակաթոռ
Դաւիթ
Թոռնիկեանի
վրայ
մեկնուիլ
(
§
929),
եւ
թէ
վերջին
Դաւիթ
Գուրճիպէկեանին,
որ
Տաթեւացիին
ընդդիմացաւ
եւ
զայն
հալածեց
(
§
1400):
Աթոռոյ
փոխադրութիւնը
եւ
Վաղարշապատի
ժողովին
վճիռը
եւ
նորընտիր
կաթողիկոսին
պաշտօնը
ծանուցանող
օրհնութեան
գիրեր
յղուեցան
Աղուանից
կաթողիկոսութեան
եւ
Երուսաղէմի
պատրիարքութեան,
եւ
բովանդակ
Հայաստանի
եւ
Կիլիկիոյ
եւ
Փոքր
Ասիոյ
վիճակներուն,
եւ
ուր
ուրեք
Հայ
գաղթականութիւններ
հաստատուած
էին,
եւ
այսպէս
Էջմիածնի
վերանորոգեալ
աթոռին
անունն
ու
իշխանութիւնը
բոլոր
աշխարհի
մէջ
լսուեցաւ,
եւ
1441-էն
սկսելով
յիշատակագիրներ
կը
սկսին
ի
կաթողիկոսութեան
սուրբ
Լուսաւորչի
աթոռոյն
տէր
Կիրակոսի
բացատրութիւնը
գործածել
(
ՓԻՐ.
124):
Իսկ
հայրապետական
կոնդակները
գրուած
էին
այս
սկզբնաւորութեամբ.
Անուամբ
անեղին
Աստուծոյ,
Հօր
եւ
Որդւոյ
եւ
Հոգւոյն
Սրբոյ,
ես
Կիրակոս
ծառայ
ծառայիցն
Աստուծոյ
եւ
Յիսուսի
Քրիստոսի,
ողորմութեամբ
եւ
շնորհօք
նորին
կաթողիկոս
աթոռոյ
սրբոյն
Գրիգորի
Լուսաւորչին
մերոյ,
եւ
Վաղարշապատու
Սուրբ
Էջմիածնիս
եւ
Ամենայն
Հայոց
(
ՉԱՄ.
Գ.
488),
որ
սովորական
մակադրութիւններէն
շատ
չտարբերիր:
1462.
ԿԻԼԻԿՈՅ
ԴԻՐՔԸ
Օրհնութեան
կոնդակներուն
կարգին
յիշուած
կը
տեսնենք,
թէ
զրկուեցաւ
նաեւ
աթոռոյն
Սսոյ,
ուր
նստէր
Գրիգոր
Մուսաբէգեանց
(
ՉԱՄ.
Գ.
483):
Չենք
կրցած
ստուգել
այդ
տեղեկութեան
առաջին
աղբիւրը,
որ
մեծ
նշանակութիւն
ունի
Կիլիկիոյ
աթոռին
դիրքը
ճշդելու:
Եթէ
Մուսաբէգեանց
մտադիւր
ընդունեցաւ
Կիրակոսի
օրհնութեան
կոնդակը,
ուրեմն
ոչ
միայն
կամակից
էր
Վաղարշապատի
ժողովին,
այլ
ինքզինքը
ենթարկած
էր
անոր
գերագահ
իշխանութեան,
որով
տեղի
չէր
մնար
Կիլիկիոյ
աթոռը
հակաթոռ
նկատելու,
ինչպէս
որ
ազգը
նկատեց
բաւական
երկար
միջոց
մը,
մինչեւ
երկու
աթոռներուն
մէջ
համաձայնութիւն
հաստատուիլը:
Հայերը
ազգովին
եւ
իւր
կաթողիկոսով
հռոմէադաւան
ցուցնելու
մարմաջը,
որ
Չամչեանի
հետեւողութեամբ
Մխիթարեան
գրիչներու
մեծ
նպատակն
է
եղած,
Մուսաբէգեանցի
անձին
վրայ
մեծ
կարեւորութիւն
դրած
է,
եւ
աւելորդ
պէտք
չէ
նկատուի,
եթէ
այստեղ
միջանկեալ
կերպով
մենք
ալ
քանի
մը
դիտողութիւն
աւելցնենք:
Իրենցմէ
ոմանք
Մուսաբէգեանցը
անկանոն
ընտրուած
եւ
ոչ
օրինաւոր
կաթողիկոս
ցուցնել
ուզած
ատեն
(
ՉԱՄ.
Գ.
486),
ուրիշ
մը
զայն
իբրեւ
օրինաւոր
աթոռի
տէր,
եւ
Վիրապեցին
հակառակաթոռ
կաթողիկոս
կոչելու
կը
հասնի
(
ԸՍՏ.
248),
եւ
վերջերս
ուրիշ
մըն
ալ
Մուսաբէգեանցը
մինչեւ
1450
օրինաւոր
կաթողիկոս
ցուցնել
կը
ճգնի
(11.
ԱՄՍ.
467):
Մենք
իրաւունք
կ՚ունենայինք
իրարու
հակառակ
կարծիքները
զիրար
եղծանող
ըսելով,
խնդիրը
զանց
ընել,
սակայն
պատմական
եղելութիւնները
լուսաբանելու,
պարտքն
ալ
կը
զգանք:
Մուսաբէգեանցի
անձին
մասին
որոշ
եւ
ստոյգ
տեղեկութիւնները
կը
պակսին,
որ
կարենանք
բացարձակ
կերպով
բան
մը
հաստատել,
ուստի
պարտաւորեալ
կցկտուր
ակնարկները
մօտեցնելով
պիտի
քաղենք
պատմական
եզրակացութիւնները:
Անոնք
որ
Կիլիկիոյ
մասնաւոր
աթոռը`
ոչ
թէ
Կարապետ
Եւդոկիացիէ,
այլ
Գրիգոր
Մուսաբէգեանցէ
կը
սիրեն
սկսիլ,
աթոռին
աւելի
փայլ
մը
տալու
փափաքով,
Մուսաբէգեանցի
եւ
Եւդոկիացիին
մէջտեղ
Յովսէփ
կաթողիկոս
մը
կը
դնեն,
Մաղաքիա
դպիրին
յիշատակագիրէն
քաղելով
(
ՍԻՍ.
218):
Այդ
Յովսէփը
միեւնոյնը
պէտք
է
ըլլայ
որ
Վահկացիէն
ետքն
ալ
կաթողիկոսական
աթոռը
ձեռք
ձգելու
աշխատեցաւ
(
§
1442),
եւ
եթէ
առիթ
գտաւ
իր
ոտնձգութիւնները
նորոգել,
անշուշտ
այլեւս
Մուսաբէգեանց
չկար,
եւ
բնական
եզրակացութեամբ,
եւ
ոչ
թէ
մտացածին
կարծիքով,
կը
հետեւի
Մուսաբէգեանցի
կամ
մեռած
եւ
կամ
տեղը
լքած
հեռացած
ըլլալը:
Մենք
դժուարութիւն
պիտի
չհանէինք
սպանութեան
պարագան
ալ
ենթադրել,
եւ
վեց
սպանեալ
կաթողիկոսներէն
ետքը
(
ԿՈՍ.
55),
եօթներորդ
մըն
ալ
աւելցնել
այդ
շարքին,
ինչ
որ
Աջին
գողութեան
կամակից
Կիլիկեցի
եպիսկոպոսներուն
նպատակէն
(
§
1449)
օտար
պիտի
չըլլար:
Առանձին
մտադրութիւն
պէտք
էր
դարձնել
յիշատակագիրէ
մը
առնելով
եղած
հրատարակութեան
վրայ,
թէ
կաթողիկոսութիւնը
քսան
եւ
հինգ
ամ
խափանեալ
մնաց
ի
մայրաքաղաքս
Կիլիկիոյ,
այսինքն
ի
Սիս
(
ՀԱՅ.
575),
եթէ
ստուգած
չըլլայինք,
թէ
Ալիշան,
որ
առանց
աղբիւրը
ցուցնելու
Անտոնեանց
մատենադարանին
մէջ
գտնուող
յիշատակարան
մը
կը
հրատարակէ,
պարզապէս
թիւրիմացութեան
զոհ
գացած
է,
քսան
եւ
հինգ
կարդալով,
ինչ
որ
բնագիրին
մէջ
յայտնապէս
զոր
հինգ
ամ
խափանեալ
մնաց
գրուած
է
(
ՅՇՏ.
),
որով
աւելորդ
կը
դառնան
նոր
գրողի
մըն
ալ
դիտողութիւնները
(11.
ԱՄՍ.
466):
Արդ
եթէ
1147-էն
առաջ,
հինգ
ամ
խափանեալ
մնաց
Սսոյ
աթոռը,
այսինքն
գահակալ
չունեցաւ,
ուրեմն
Մուսաբէգեանց
ոչ
եւս
կ՚ապրէր
կամ
ոչ
եւս
կաթողիկոս
կը
ճանչցուէր,
եւ
մտացածին
չէ
1441-էն
այս
կերպ
կամ
այն
կերպ
Սսոյ
աթոռը
դադարած
եւ
վերջացած
ըսել:
1463.
ՍՍՈՅ
ԱԹՈՌԻՆ
ՎԱԽՃԱՆԸ
Երկու
կտորները
յառաջ
կը
բերուին
ցուցնելու
թէ
1444-ին
եւ
1450-ին
տակաւին
Մուսաբէգեանցը
կենդանի
էր,
բայց
չենք
իմանար
թէ
ինչ
օրինաւորութեան
փաստ
կրնայ
քաղուիլ
Մուսաբէգեանցի
կենդանութենէն,
քանի
որ
նա
ազգային
ժողովով
գահընկէց
հռչակուեցաւ,
իսկ
կենդանի
մնալն
ալ
օրինաւոր
ըլլալ
ըսել
չէ:
Բացաստի
պէտք
է
դիտել
տանք,
թէ
1444-ին
Գրիգորի
եւ
Կիրակոսի
միանգամայն
կաթողիկոս
ըսուիլը
հարկաւ
Մուսաբէգեանցը
չցուցներ,
վասնզի
ի
Կիլիկիա
եւ
ի
Վաղարշապատ
յաւելուածները`
ամբողջ
պատճէնին
ընդօրինակութեամբ
չեն
հաստատուած
(11.
ԱՄՍ.
466):
Միեւնոյն
1444
տարին
եւ
միեւնոյն
սահմանակցութեան
մէջ
գրուած
յիշատակարան
մը
Տեառն
Գրիգորի
եւ
տեառն
Կիրակոսի
կաթողիկոսութիւնները
միանգամայն
կը
յիշէ
(
ՓԻՐ.
133),
բայց
Գրիգորը`
Ջալալբէգեանցն
է
եւ
ոչ
թէ
Մուսաբէգեանցը,
եւ
այդ
երկու
անուններու
զոյգ
գործածուիլը
ստէպ
կը
տեսնուի
մինչեւ
Կիրակոսի
մահը,
թէպէտ
վերջինս
հրաժարած
ու
քաշուած
էր:
Իսկ
1450-ին
գրուած
կարծուած
նամակը
ճիշդ
այդ
թուականը
չի
կրեր,
զի
Հայոց
ՌՊՂԹ
թուականը
(11.
ԱՄՍ.
468)
1450
չէ
այլ
2450,
որուն
հասնելու
ալ
յոյս
չունինք:
Իսկ
եթէ
ըսեն
թէ
սխալմամբ
գրուած
կամ
տպուած
է,
պէտք
է
ընդունիլ
որ
սխալէն
ալ
ուղիղ
հետեւանք
չելլեր:
Ուրիշ
պարագաներ
ալ
նկատելի
են
այդ
յառաջ
բերուած
գիրին
մէջ:
Գիրը
կ՚ուղղուի
սրբոյ
հօրն
Եւգինեայ
քահանայապետի.
իսկ
Եւգինէոս
Դ.
1450-էն
երեք
տարի
առաջ
1447-ին
մեռած
էր,
ինչ
որ
հնար
չէր
որ
երեք
տարի
ետքը
իմացուած
չըլլար
Սիս
կամ
Գահիրէ:
Նոյն
թուղթին
մէջ
կ՚ըսուի,
թէ
Սարգիս
եւ
Թովմաս
վարդապետները
ինքն
Գրիգոր
ղրկած
ըլլայ,
մինչ
անոնք
Վահկացիէն
ղրկուած
էին,
եւ
Ալբերդոս
կրօնաւորն
ալ
ոչ
1450-ին
այլ
1440-ին
նամակը
տանողն
է
(
ԱԶԱ.
104):
Անոնք
որ
1450-ին
Մուսաբէգեանցը
կենդանի,
եւ
եպիսկոպոս
եպիսկոպոսաց
երկու
Հայաստան
աշխարհաց
կ՚ուզեն
ընդունիլ,
պէտք
է
նաեւ
մեկնեն,
1447-ին
Կարապետ
Եւդոկիացիին
Եգիպտոսի
սուլտանին
հրովարտակով
Սսոյ
մէջ
կաթողիկոս
նստած
ատեն,
իflնչ
կերպով
Մուսաբէգեանց
կրնար
այդ
դիրքը
պահել
Գահիրէի
մէջ,
երբ
արդէն
ուրիշ
մը
տիրող
պետութենէն
ճանչցուած
էր:
Պէտք
չէ
մոռնալ
եւս
որ
Երկու
Հայաստան
աշխարհաց
բացատրութիւնը
երբեք
Հայոց
սովորական
չէ
եղած,
որոնց
պաշտօնական
ոճն
է
Ամենայն
Հայոց
բանաձեւը:
Ուրիշ
մանրամանսութիւններու
մէջ
մտնել
չուզելով
ալ`
կրնանք
եզրակացնել,
թէ
կեղծ
գրուած
մըն
է
իբր
փաստ
յառաջ
բերուածը
եւ
Կաֆացի
լատինամոլներու
յերիւրուած
մը,
որ
միանգամայն
անվստահութեան
մեծ
կասկածներ
կը
տարածէ
Փլորենտիոյ
Լաւրենտեան
մատենադարանին,
եւ
ուրիշ
պապական
դարաններու
մէջ
պահուած
գրութեանց
վրայ:
1464.
ՍՍԵՑՈՑ
ԿԱՐԾԻՔԸ
Մեզի
անծանօթ
չէ,
որ
նոյնիսկ
Կիլիկիոյ
աթոռին
յետին
կաթողիկոսներ
յաւակնութիւն
ունեցած
են,
իրենց
աթոռը
ուղիղ
գիծով
օրինաւոր
յաջորդութիւն
ցուցնել,
եւ
Էջմիածնի
աթոռը
ապօրինի
կամ
ապստամբ
հռչակել:
Սիմէոն
Սեբաստացին
պատմական
յիշատակներ
կը
քաղէ,
ցուցնելու
համար
թէ
ազգը
իբր
օրինաւոր
կաթողիկոսներ
ճանչցաւ
Հռոմկլայ
եւ
Սիս
նստողները`
եւ
ի
սրբոյն
Գրիգորէ
մինչեւ
ցՅովսէփ
կաթողիկոսն,
անընդհատ
յաջողութիւն
մը
կը
կազմէ
(
ԱՋԱ.
25),
օրինաւոր
կաթողիկոս
կարծելով
ինքնակոչ
Յովսէփն
ալ
(
§
1453):
Ոչ
ոք
դժուարութիւն
ունի
այդ
չափը
ընդունիլ,
սակայն
այդչափը
չբաւեր
հաստատել,
թէ
այնմհետէ
մինչեւ
ցայսօր
ժամանակի
կայ
հաստատ
հայրապետութիւն
աստ
ի
Սիս,
եւ
սուրբ
Լուսաւորչի
Աջն
ի
սմա
բնակեցաւ,
զի
հաճեցաւ
ընդ
սա
(
ԱՋԱ.
12):
Աջի
անյայտացումը
(
§
1449),
եւ
ազգային
ժողովը
(
§
1453),
եւ
ազգովին
տրուած
վճիռը
(
§
1458),
օրինաւոր
գործողութիւններ
են,
որք
չեն
կրնար
ջնջուիլ
Սիմէոնի
խօսքով,
թէ
անհնազանդ
եղեալ
ձեր
Արեւելեանցդ
սուրբ
Լուսաւորչի
աթոռոյն,
ձեռնադրեցին
ըստ
կամաց
իւրեանց
զԿիրակոս
կաթողիկոսն
Խորվիրապեցին
(
ԱՋԱ.
13),
կամ
Եփրեմի
ըսելովը,
թէ
մի
ոմն
ի
վարդապետաց
գլուխ
ամբարձեալ
Կիրակոս
անուն,
զապստամբութիւն
խորհէր
ի
սրբոյ
աթոռոյս
Սսոյ
(
ԱՋԱ.
53):
Մանաւանդ
որ,
ինչպէս
պատմեցինք,
Կիրակոս
ինքն
ոչ
ապստամբութիւն
խորհեցաւ,
եւ
ոչ
իրեն
համար
աշխատեցաւ,
այլ
ազգովին
կատարուած
որոշման
հպատակեցաւ:
1465.
ԱԿՆԿԱԼԵԱԼ
ՕԳՈՒՏՆԵՐ
Կիրակոսի
կաթողիկոսութիւնը
բարեգուշակ
յաջողութիւններով
սկսաւ
Էջմիածինի
մէջ:
Եկեղեցական
իրաւասութեան
նուիրապետական
բարեկարգութեան
տեսակէտէն,
այս
ընտրութեամբ
կրնար
ջնջուած
եւ
անհետացած
նկատուիլ
աթոռներու
բաժանման
խնդիրը,
Սիս
դադարած
էր
իրօք,
եւ
Աղթամար
համաձայնած
եւ
օրհնուած
էր,
Էջմիածնի
կաթողիկոսը
միահեծան
գլուխ
էր
ճանչցուած
առանց
ընդդիմադիրներու
եւ
հակաթոռներու:
Մուսաբէգեանցի
հրապարակէ
հեռացած
կամ
մեռած
կամ
ձեռնթափ
եղած
ըլլալը`
այլեւս
պատմական
ստուգութիւն
մըն
է
Սսոյ
աթոռին
հինգ
ամ
խափանուելովը,
եւ
ուրիշ
փաստի
պէտք
չմնար
այդ
մասին:
Աղթամարն
ալ
այն
դիրքը
առած
էր,
ինչ
որ
ունէր
Աղուանից
կաթողիկոսը,
որոշեալ
սահմանի
մէջ
ազատ
եւ
ինքնուրոյն
իրաւասութիւն
գործածող,
սակայն
իրմէ
վեր
գերագահ
աթոռակալ
մը
ճանչցող
Էջմիածնի
մէջ:
Եթէ
Սսոյ
աթոռը
իսպառ
ջնջուէր
ու
դադարէր,
կամ
թէ
իբր
նախկին
աթոռին
յիշատակ
Էջմիածնի
գերագահութեան
ներքեւ
կաթողիկոսական
աթոռ
մը
պահուէր
Աղթամարի
նմանութեամբ,
ամէն
առթի
մէջ
Հայաստանեայց
եկեղեցւոյ
նուիրապետութեան
կազմը
եւ
Ամենայն
Հայոց
հայրապետութեան
իսկական
կերպարանը
անեղծ
եւ
անտխեղծ
պահուած
կ՚ըլլար,
եւ
երկրորդական
կաթողիկոսութեանց
գոյութիւնը
անոր
վնաս
չէր
բերեր,
ինչպէս
չէին
բերեր
Վրաց
եւ
Աղուանից
կաթողիկոսութիւնները,
եթէ
չուզենք
իսկ
ըսել,
թէ
աւելի
ալ
կը
բարձրացնէին:
Կիրակոսի
անձին
վրայ
գալով,
նա
հայրապետական
աթոռին
վրայ
ալ
պահեց
իր
ճգնողական
եւ
առաքինական
կեանքը,
եւ
ամէնքը
տեսանէին
զերանելի
այրն
Աստուծոյ
ի
վարս
ճգնութեան
զտիւ
եւ
զգիշեր
մշտնջենաւոր
սրբապահութեամբ
(
ԿԱՍ.
76),
որ
ընդհանուր
պատկառանք
եւ
յարգանք
կը
բերէր
վերանորոգեալ
աթոռին
վրայ:
Ըստ
այնմ
համակրութիւնն
ալ
կը
շատնար
հետզհետէ,
եւ
որովհետեւ
մինչեւ
այն
ատեն
բոլորովին
լքեալ
եւ
անխնամ
մնացած
էր
վանքն
ու
աթոռը,
զուրկ
ամէն
պէտքերէ,
Աստուածապաշտ
ազգս
Հայկազեան,
Արարատ
եւ
կողմն
Վասպուրական,
յորդորուեցան
ամէն
տեսակ
գոյքերով
ճոխացնել
աթոռը,
եւ
մարմնաւոր
պիտոյիւք
եւ
անասնօք
եւ
չորքոտանիւք
լցին
զսուրբ
աթոռն
(
ԿՈՍ.
75):
Այս
նպատակին
հասնելու
համար
պէտք
էր
որ
աթոռին
մէջ
կանոնաւոր
մատակարարութիւն
հաստատուած
ըլլար,
եւ
այս
կողմէն
ալ
Կիրակոս
ընդհանուր
ակնկալութենէ
վեր
գտնուեցաւ,
եւ
կրցաւ
արթուն
եւ
ազդեցիկ
խնամք
տարածել
ամէն
ճիւղերու
վրայ,
եւ
շինարարութեամբ
ալ
զբաղիլ,
քան
որչափ
ինչ
կրնար
սպասուիլ
Վանաստանի
խստամբեր
ճգնաւորէն:
Եպիսկոպոսներուն
շարքին
տեսանք
Գաբրիէլ
եպիսկոպոս
մըն
ալ
Էջմիածինի
անունով
(
ԿՈՍ.
52),
ինչ
որ
կը
ցուցնէ
թէ
աթոռին
թափառած
ատեն,
Էջմիածինի
վանքը
ունէր
վերակացու
եպիսկոպոս
մը,
որ
Վաղարշապատի
ալ
թեմակալն
էր
անշուշտ:
Բայց
եթէ
Էջմիածին
բոլորովին
լքեալ
չէր,
պարզ
եպիսկոպոսի
մը
ներկայութիւնը
բաւական
չէր
պահել
անոր
բարձր
դիրքը
եւ
պահանջուած
կացութիւնը:
Այսպէս
անցան
Կիրակոսի
կաթողիկոսութեան
սկիզբները,
տարի
մը
կամ
քիչ
աւելի:
1466.
ԳՐԳՌՈՒԹԵԱՆՑ
ՍԿԻԶԲԸ
Սակայն
կամաց
կամաց
սկսան
գլուխ
երեւցնել
նախանձոտ
կիրքերը
եւ
խուլ
հակառակութիւնները,
նորահաստատ
կացութեան
դէմ
դժգոհութիւններ,
եւ
գոհունակութիւն
չգտած
բուռն
ձգտումներ:
Այդ
դժպհի
երեւոյթները
յառաջ
եկան
Սիւնիքի
կողմէն
եւ
Տաթեւեան
աշակերտութենէն,
եւ
դիտելի
է
որ
Էջմիածինը
շէնցնող
Արարատի
եւ
Վասպուրականի
հետ,
Սիւնիքը
չէր
յիշուած:
Կիրակոս
որչափ
ալ
32
տարիէ
իվեր
Արարատ
հաստատուած,
սակայն
վերջապէս
Վասպուրականցի
մըն
էր,
Վասպուրականցիներէ
պաշտպանուած,
եւ
անոնց
կողմէն
առջեւ
մղուած,
ինչպէս
Մեծոփեցիին
Ակոռի
հանդիպելուն
առթիւ
դիտել
տուինք
(
§
1459):
Բայց
որ
աւելին
է,
Կիրակոսի
շուրջը
խմբուեցան
բոլոր
Վասպուրականցիներ,
Թովմաս
Մեծոփեցին
ինքն
ալ
ազդեցիկ
եւ
գլխաւոր
դեր
մը
ստացաւ
հայրապետանոցին
մէջ:
Թէ
ոչ
ամէն,
գոնէ
շատ
գործերու
գլուխ
Վասպուրականցիներ
անցան,
շահ
եւ
օգուտ
անոնց
բաժին
սկսաւ
ըլլալ,
եւ
Սիւնեցիներ
եւ
Տաթեւական
խումբը
երկրորդական
շարքը
մղուեցան,
մինչ
իրենք
էին
Արեւելեայց
կեդրոնը,
իրենք
էին
որ
նոյնիսկ
Վասպուրականցիներուն
շարժում
էին
տուեր,
թէ
12
Վասպուրականցիներուն
Տաթեւ
գալուն,
եւ
թէ
Եռամեծ
Տաթեւացիին
Վասպուրական
երթալուն
առիթով:
Մեծոփեցին
ալ
զգալ
կու
տայ
այդ
կացութիւնը,
երբ
պարծենալէն
ետքը
թէ
ամենայն
բարութեամբ
եւ
շնորհօք
զարդարեալ
էր
ազգս
Հայոց
(
ԿՈՍ.
76),
եւ
թէ
զարդարեալ
էր
սուրբ
կաթողիկէն,
կը
յաւելու,
թէ
ամենեքեան
երանի
տային
կողմանց
վարդապետաց
եւ
քահանայից
ծովու
բոլորին
(
ԿՈՍ.
77),
այսինքն
է
կը
գովէին
Վասպուրականի
կողմանց
եւ
Վանայ
ծովու
բոլորին
պատկանող
վարդապետները,
որք
այդ
բարեկարգութեանց
գործիչ
կը
նկատուէին:
Խուլ
դժգոհութիւնները
որոնք
1442
տարիէն
սկսեր
էին,
յայտնի
խօսուիլ
սկսան
1443-ին
սկիզբները,
եւ
պարագլուխ
կանգնեցաւ
Մարկոս
եպիսկոպոս
Վրաստանի,
Հերմոնեցիին
աշակերտներէն,
որ
Վաղարշապատի
ժողովին
չէր
գտնուած:
Իրեն
միացաւ
Աստուածատուր
վարդապետ
Սաղմոսավանքէն
(
ԿՈՍ.
77),
որ
ցաւած
էր
որ
մինն
ի
յանասնոց
նմա
ոչ
նուիրեցին,
ինչ
որ
Մեծոփեցին
անգիտութիւն
մեծ
կը
համարի,
զոր
արարին
կաթողիկոսն
եւ
վերակացուք
նորին
Գաբրիէլ
եպիսկոպոս
Յովհաննավանքի
եւ
Կիրակոս
վարդապետ
Ռշտունի
(
ԿՈՍ.
75):
1467.
ԿԻՐԱԿՈՍԻ
ԴԷՄ
Դժգոհներու
խումբը
պէտք
ունէր
իրեն
ազդեցիկ
կողմնակիցներ
ճարել,
եւ
Կիրակոսը
նետելու
համար
պատճառներ
ունենալ:
Առաջին
ընտրութեան
ժամանակէն
երեք
մրցակից
ընտրելիներ
կային
Սիւնեցւոց
կողմէն,
Յովհաննէս
Հերմոնեցին,
Զաքարիա
Հաւուցթառեցին
եւ
Գրիգոր
Արտազեցին,
սակայն
միեւնոյն
կուսակցութենէն
երեք
մրցակից
ընտրելիներ
գտնուիլը
տկարացուցած
էր
անոնց
կողմը:
Երեքին
մէջէն
նախադասելի
կ՚երեւէր
Արտազեցին,
սակայն
միւս
երկուքը
աւելի
ազդեցիկ
էին,
եւ
անոր
կաթողիկոսանալը
չուզեցին
վասն
ատելութեան
որ
առ
նա
ունէին:
Բայց
նոր
կացութեան
առջեւ
հարկաւ
մեղմացած
էին
կիրքերը,
մանաւանդ
որ
Հերմոնեցին
ի
սոյն
ժամանակիս
խլացեալ
էր
ականջօք
(
ԿՈՍ.
78),
եւ
Հաւուցթառեցին
արդէն
եպիսկոպոսներուն
երիցագոյնը,
այլեւս
տկարացած
էր
տարիքին
բերմամբ:
Մարկոս
եւ
ընկերներ
առաջին
անգամ
ուզեցին
այս
երկուքը
վաստկիլ,
ծերունիները
համոզելով
թէ
այլեւս
պէտք
է
որ
իրենց
ակնկալութիւնները
վար
դնեն
եւ
Արտազեցին
կաթողիկոսացնելու
համաձայնին
իրենց
կողմը
զօրացնելու
համար:
Առաջ
դիմեցին
Հաւուցթառեցիին,
մեղադրելով
իսկ
զայն,
թէ
դուք
եդեալ
էք
Կիրակոսը
կաթողիկոս,
ակնարկելով
անոր
ձեռնադրութեան
նախագահելուն,
իբր
այն
թէ
ասով
փորձանքին
պատճառ
եղած
ըլլար:
Անիկայ
համոզելէ
ետքը,
իրենց
ընկերակցուցին
Շմաւոն
Տաթեւի
եպիսկոպոսը,
եւ
Հաւուցթառեցին
գլուխ
կանգնեցաւ
խումբին,
որ
յարուցեալ
գնաց
առ
վարդապետն
Յովհաննէս
Հերմոնեցին
(
ԿՈՍ.
78),
որ
իսկոյն
համաձայնեցաւ,
եւ
աւելի
քան
զերեսուն
եւ
զքառասուն
ոգի
մէկէն
ոտք
հանեց
Կիրակոսի
գահընկէցութեան
գործին
հետեւելու:
Կը
մնար
պատճառներն
ալ
ճարել,
բայց
անարժան
գործի
մը
համար
Կիրակոսը
ամբաստանել
չէին
կրնար,
եւ
կը
խոստովանէին
իսկ
թէ
ճգնութեամբ
Լուսաւորչին
հանգոյն
է:
Ուստի
գործը
օրինականութեան
ձեւին
թափելով,
ուզեցին
ըսել
թէ
կաթողիկոսութիւնը
անվաւեր
է,
եւ
օրինաւոր
կաթողիկոս
չէ:
Այս
երեսէն
գտած
պատճառանքնին
երկու
եղան,
մէկը
թէ
ի
կողմանէն
յԱղթամարայ
է,
որ
ի
բազում
ժամանակաց
հետէ
բանադրեալք
են
(
ԿՈՍ.
77),
ուսկից
կը
հետեւցնէին
թէ
ոչ
է
մկրտած,
եւ
ոչ
է
քրիստոնեայ
(
ԿՈՍ.
79),
իբր
զի
բանադրանքի
ներքեւ
եղողներուն
պաշտած
խորհուրդները
թերի
եւ
անվաւեր
կը
համարուէին:
Իսկ
միւս
պատճառն
էր,
թէ
պարտ
էր
ի
կաթողիկոսաց
եպիսկոպոս
լինել,
եւ
ապա
յեպիսկոպոսաց
կաթողիկոս
ձեռնադրիլ
(
ԿՈՍ.
79):
Այդ
պատճառներէն
առաջինը
ընդհանուր
առմամբ
կամ
առերեւոյթ
կերպով
միայն
կրնար
խօսուիլ,
վասն
զի
ընդհանուր
քրիստոնէութեան
մէջ
ընդունուած
է
անարժան
պաշտօնէին
կատարած
մկրտութիւնն
ալ,
եւ
զեղծմամբ
միայն
կրկնամկրտութիւններ
կ՚ըլլային,
ինչպէս
Ունիթորներն
ալ
կը
կատարէին
Հայերուն
վրայ:
Իսկ
երկրորդ
պատճառը
թէեւ
եպիսկոպոսութեան
վաւերականութեան
վրայ
չկրնար
տարածուիլ,
քանի
որ
Նիկիական
կանոնը
մեր
եկեղեցին
ալ
ընդունած
է,
գոնէ
ազգային
եւ
կանոնական
սովորութեան
փաստ
կրնար
ըլլալ,
թէ
ընկալեալ
օրէնք
է,
ձեռնադրեալ
եպիսկոպոսներուն
մէջէն
կաթողիկոս
ընտրել
եւ
ոչ
թէ
եպիսկոպոս
չեղող
եկեղեցականներուն
մէջէն:
Ազգային
պատմութեան
մէջն
ալ
շատ
ցանցառ
են
այդ
կանոնին
բացառութիւնները,
որոնք
աւելի
եւս
ընդհանրացած
կանոնը
կը
հաստատեն:
Կիրակոսի
դէմ
յարուցուած
խնդիրն
ալ,
միեւնոյն
սովորութիւնը
կը
հաստատէ,
որչափ
ալ
յայտնի
է
թէ
բողոքելու
իրաւունք
չունէին
անոնք,
որոնք
իրենց
ձեռքովը
բացառութիւնը
նուիրագործած
էին:
Անցողակի
նշանակուած
է
երրորդ
կէտ
մըն
ալ,
թէ
հերձուածող
է,
զի
զօծումն
հիւանդաց
բերեալ
է
ի
Կոստանդնուպոլսէ
(
ԿՈՍ.
79),
որ
վերջին
օծումի
ձէթ
գործածելու
վրայ
պիտի
մեկնուի,
սակայն
ոչ
առաջ
եւ
ոչ
ետքը
Մեծոփեցին
այդ
մասին
լուսաբանութիւն
չտար:
1468.
ԿԻՐԱԿՈՍ
ԳԱՀԸՆԿԷՑ
Հարկաւ
դաւադրութիւնն
ու
աղմուկը
ծածուկ
չէին
կրնար
մնալ,
արդէն
Հերմոնեցիին
հաւաքած
խումբն
ալ
շատ
գաղտնութեամբ
չէր
գործեր,
այլ
համարձակ
Էջմիածին
կու
գար
բռնութեամբ
իւր
միտքը
գործադրել:
Առաջ
կեղծ
բարեպաշտութեամբ
կը
մտնէին
ի
սուրբ
տաճարն
Միածնին,
բայց
բարկութեամբ
եւ
սրտմտութեամբ
լցեալ:
Իսկ
Կիրակոս,
որ
դողայր
յահէ
քահանայիցն,
Էջմիածինը
կը
թողու,
եւ
փախուստ
արարեալ
մտանէ
ի
տուն
քրիստոնէի
միոջ
գաղտագողի.
սակայն
իրեն
վրան
եկողները
չեն
հանդարտիր,
եւ
կը
հետապնդեն
որոնեալ
աստ
եւ
անդ,
մինչեւ
որ
տեղը
իմանալով
գտին
զնա,
եւ
իրենց
հսկողութեան
ներքեւ
պահեցին,
մինչեւ
որ
առեալ
տարան
առ
բռնաւորն
Աղուպ,
որ
է
Երեւանի
Եաղուպ
պէկը:
Կաթողիկոսի
մը
դատաստանն
ու
գահընկէցութիւնը
ազգային
ժողովի
իրաւունքն
էր,
եւ
ոչ
օտարազգի
տիրապետողին,
սակայն
ոչ
միայն
սկիզբէն
իվեր
վարժուած
էին
քաղաքական
իշխանութեան
վճիռով
գործել,
այլ
սոյն
այս
Եաղուպ
պէկն
էր,
որ
Վաղարշապատի
ժողովին
դիւրութիւն
եւ
պաշտպանութիւն
էր
ընծայած,
եւ
նորա
հովանաւորութեամբ
Կիրակոսի
կաթողիկոսութիւնը
հաստատուած
եւ
հռչակուած
էր,
եւ
փոփոխութիւնն
ալ
հնար
չէր
առանց
անոր
հաւանութեան
կատարել:
Եաղուպի
ատեանին
մէջ
առջեւ
կ՚անցնի
Հերմոնեցին
գործը
բացատրել,
եւ
կ՚ըսէ,
թէ
Կիրակոս
ոչ
է
մկրտուած,
ոչ
է
քրիստոնեայ,
այնպէս
որ
եթէ
կամիս
դու,
որ
հարկաւ
յաթոռդ
այդ
նստի
դա,
կամք
մեր
ամենեցուն
այս
է,
զի
մկրտեմք
եւ
նոր
եպիսկոպոս
եւ
կաթողիկոս
ձեռնադրեմք
(
ԿՈՍ.
79):
Եթէ
իրօք
այսպէս
խոսեցաւ
Հերմոնեցին,
պէտք
է
ըսել
թէ
զառամած
եւ
ցնորած
էր,
ապա
թէ
ոչ
աւելի
անտրամաբան
խօսք
մը
չէր
կրնար
ըսել
Տաթեւեան
դպրոցին
մեծ
վարժապետը:
Եաղուպ
իսկ
կրցաւ
անոր
երեսը
զարնել,
թէ
Կիրակոսի
եպիսկոպոսութիւնը
ու
կաթողիկոսութիւնը
նոյնիսկ
իրենք
էին
կատարած,
որուն
Հերմոնեցին
չկրնալով
պատասխան
տալ,
ստիպեալ
ուրանայ
զճշմարտութիւն,
եւ
Թովմէն
եւ
ընկերք
նորին
կատարեցին,
կ՚ըսէ,
ուզելով
իմացնել
թէ
Մեծոփեցիին
եւ
Վասպուրականցոց
ազդեցութեան
ներքեւ
կատարուեցան
ձեռնադրութիւնները:
Կիրակոս
լուռ
կայր
եւ
անմռունչ,
հարկաւ
իւր
սիրտին
մէջ
ցաւելով
այդ
աստիճան
լրբութեան
վրայ,
եւ
միայն
Մեծոփեցիին
աշակերտներէն
Կարապետ
վարդապետ
մը
եւ
ազգականներէն
Ծերուն
անուն
երիտասարդ
մը,
կը
համարձակին
պատասխանել,
թէ
բողոքողները
ոչ
են
ճշմարիտ,
այլ
խաբեբայք
(
ԿՈՍ.
80),
սակայն
բողոքողներու
խումբէն
Ստեփանոս
վարդապետ
մը,
հաւանաբար
Եղեգեցին
(
ԿՈՍ.
87)
եհար
զբերան
Ծերունի,
եւ
լցաւ
արեամբ:
Եաղուպ
բարկացեալ
բողոքողները
կը
մերժէ,
սակայն
Հաւուցթառեցին
առանձինն
տեսակցելով,
եւ
անհամար
արծաթ
տալով,
Եաղուպը
կը
համոզէ,
որ
ինքն
վրան
չառնէ
կաթողիկոսն
արտաքս
հանելն
եւ
ոչ
հանելն,
եւ
թող
տայ
ազգին
որ
ուզածնուն
համեմատ
գործեն,
եւ
իրենց
հաւնած
անձը,
Գրիգոր
Արտազեցին,
կաթողիկոս
ձեռնադրեն
(
ԿՈՍ.
80):
Այսպէս
կը
վճռուի
Կիրակոսի
գահընկէցութիւնը
եւ
Գրիգորի
կաթողիկոսութիւնը,
եւ
յիշատակագիրը
իրաւունք
ունի
ըսելու.
Գրիգոր
եպիսկոպոս
Մակուցի
նստաւ
Թուրքով
եւ
ղաբալով
(
ՍԱՄ.
175):
1469.
ԿԻՐԱԿՈՍ
ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ
Այդ
գործողութեանց
ոչ
մի
պարագայն
կանոնական`
եւ
ոչ
մի
պատճառանքը
հիմնական
չըլլալուն,
բացարձակ
առմամբ
հնար
չէր
Կիրակոսի
կաթողիկոսութիւնը
դադարած
եւ
Գրիգորը
իրաւամբ
կաթողիկոսութեան
անցած
համարիլ:
Սակայն
մեր
պատմագիրներէն
եւ
ժամանակագիրներէն
եւ
յիշատակագիրներէն
ամէնքն
ալ
1443-ին
կը
դնեն
Գրիգորի
կաթողիկոսութիւնը,
եւ
Կիրակոսի
միայն
երկու
տարի
կաթողիկոսութիւն
կու
տան,
ինչպէս
Մեծոփեցին
ալ
կը
գրէ,
թէ
սուրբ
հայրապետս
տէր
Կիրակոս
երկու
ամ
նստաւ
յաթոռ
պատրիարքութեանն
ի
կաթուղիկէն
(
ԿՈՍ.
75):
Մենք
ալ
պիտի
հետեւինք
այդ
կարծիքին,
եւ
այս
կէտէն
դադարեալ
նկատելով
Կիրակոսի
պաշտօնավարութիւնը,
իրեն
յաջորդին
անունով
պիտի
մակագրենք
մեր
յօդուածները:
Այս
միտքին
մեզ
մօտեցնողը
ոչ
թէ
բացարձակ
արդարութեան
սկզբունքն
է,
զի
ոչ
մի
իրաւունք
կրնայ
յառաջ
բերուիլ
Կիրակոսի
պաշտօնանկութիւնը
արդարացնելու,
այլ
միայն
իրական
եղելութեան
հիմամբ
է
որ
այդ
տեսութիւնը
կ՚ընդունինք:
Կիրակոս
որ
պաշտօնին
հետամուտ
չէր,
բնաւորութեամբ
ալ
անկէ
հեռու
էր,
եւ
առաքինութեամբ
ալ
պնդելու
կամք
չունէր,
երբոր
տեսաւ
զայրացած
փոթորիկը
եւ
եկեղեցական
դասուն
աղմկալից
հակառակութիւնը,
ոչ
միայն
շարժում
մը
չըրաւ
եւ
բառ
մը
չարտասանեց
իր
իրաւունքը
պաշտպանելու
եւ
հակառակորդներուն
լրբութիւնը
զսպելու,
այլ
կարծես
թէ
ուրախանալով
որ
անտանելի
բեռէ
մը
կ՚ազատի,
իսկոյն
ձեռնթափ
եղաւ
գործէն,
պահանջուած
հրաժարականը
յօժարակամ
տուաւ
եւ
պաշտօնապէս
պաշտօնէ
քաշուեցաւ,
թողլով
ասպարէզը
իւր
հակառակորդներուն,
որպէսզի
գործեն
ինչպէս
կ՚ուզեն,
եւ
աթոռը
յանձնեն
ում
կը
հաճին:
Միւս
կողմէն
գործին
գլուխը
գտնուողները,
ազգային
ժողովի
կերպարանը
կու
տային
իրենց
ձեռնարկին,
եւ
համախումբ
որոշումով
դադարեալ
կը
հռչակէին
մէկը
եւ
աթոռ
կը
բարձրացնէին
միւսը:
Այդպիսի
պարագաներուն
մէջ,
ոչ
թէ
ներքին
արդարութեան
փաստը`
այլ
ձեւական
օրինաւորութեան
պայմանն
է,
որ
որոշման
վաւերականութիւնը
կը
վճռէ:
Եւ
Կիրակոս
յանիրաւի,
բայց
ձեւական
օրինաւորութեամբ
կաթողիկոսութենէ
կը
դադարէր,
եւ
գործը
իւր
յօժար
հաւանութեամբ
կը
հաստատէր:
Իսկ
ազգային
եւ
եկեղեցական
տեսակէտէն
անհնարին
հարուած
մը
կը
տրուէր
հայրապետական
աթոռին
նշանակութեան
եւ
ազգային
նուիրապետական
միութեան,
եւ
կը
ջնջուէր
այն
գեղեցիկ
սկզբունքը
որ
երկու
տարի
առաջ
հաստատուած
էր
Կիլիկիոյ
աթոռին
դադարմամբ
եւ
Աղթամարի
աթոռին
համաձայնութեամբ:
Այն
համերաշխ
եւ
գործակից
եւ
միացեալ
հայրապետութիւնը
որ
վերստին
փայլելու
եւ
արդիւնաւորելու
սահմանուած
էր,
նորէն
իւր
բաժանեալ
եւ
պառակտեալ
դրութեան
վերադարձաւ,
եւ
մինչեւ
այն
օր
երկփեղկեալ
կաթողիկոսութիւնը
եռափեղկեալ
կերպարանի
փոխուեցաւ,
ոչ
միայն
Աղթամար
նորէն
գլուխ
քաշեց,
այլ
եւ
Սիս
իւր
դադարած
աթոռը
համարձակեցաւ
վերականգնել,
ազգային
համերաշխ
միութեան
եւ
գործակից
արդիւնաւորութեան
յայտնի
վնասներով:
Այն
գեղեցիկ
խորհուրդները
որոնցմով
առաջնորդուեցան
1441
տարւոյ
գործիչները,
շուտով
խանգարեցան
1443
տարւոյ
աւերիչներով,
եւ
ըսել
թէ
միեւնոյն
անձերն
էին
գործիչներն
ալ
աւերիչներն
ալ: