Ազգապատում. հատոր Բ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ԿՈՍՏԱՆԴԻՆ Բ. ԿԱՏՈՒԿԵՑԻ

1168. ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐԸ

Յակոբի յաջողութեան խնդիրը, անհամաձայնութեանց առիթ տուած պէտք է ըսենք, նկատելով որ նոր կաթողիկոսը աշխարհագումար ժողովով ընտրեցին յաւուրս քառասուն ( ՕՐԲ. Բ. 228): Այլեւս դադրած էին տոհմային յաջորդութեան դրութիւնը, եւ արժանաւորագոյնին ու յարմարագոյնին ետեւէ եղած ատեննին, հակառակ կարծիքներու բաղխումը անհրաժեշտ էր, ինչպէս որ այս անգամ ալ հանդիպած է: Եթէ ընտրելիներուն առաջինը, նոյն ինքն ընտրուած Կոստանդինն էր, ուրիշ նշանաւոր ընտրելի մըն էր Գրիգոր Անաւարզայ եպիսկոպոսը, այն որ վերջէն կաթողիկոս եղաւ, եւ հռչակաւոր հանդիսացաւ իր լատինամոլութեամբ: Այդ պարագայն բաւական է մեզի ցուցնելու, թէ ընտրողական պայքարին հիմը կը կազմէր լատինական յարաբերութեանց կէտը, մաս մը համակիրներ եւ մաս մըն ալ հակակիրներ գտնուելով ընտրողական ժողովին մէջ: Եւ որովհետեւ շատ յայտնի է Անաւարզեցիին ուղղութիւնը իբր կատարեալ լատինամոլ, դիւրին կ՚ըլլայ հետեւցնել թէ Կոստանդին հակառակ ուղղութեան ընտրելին էր: Լեւոն թագաւոր հաշտարար ընթացք մը կը բռնէր միշտ, լատինամոլ չէր, բայց հակառակիլ ալ չէր ուզեր, ուստի պատշաճ կերպով կը ջանար Լատինաց հանդէպ զիջողական պարագաները հեռացնել: Ըստ այսմ բոլորովին անհիմն է ոմանց կարծիքը իբր թէ Լեւոն Անաւարզեցիին պաշտպան եղած ըլլայ ( ՉԱՄ. Գ. 283): Օրբելեան կը գրէ, թէ այն միջոցին որ ինքն Կիլիկիա կը գտնուէր եւ ընտրողական վէճը կը յուզուէր, վանականք կողման Կարմիր-Լերին զականջս խիտ առ խիտ տաղտկացուցին Անուարզեցիին լատինամոլութիւնը մէջտեղ դնելով, եւ թէ այսպիսի բաղբաղանաց փաստ առեալ աստուածապսակ թագաւորին եւ բնաւին ժողովոյն, ոչ օգին Անաւարզեցին ( ՕՐԲ. Բ. 199): Այդ խօսքերը յայտնապէս կը վկայեն թէ Լեւոն երբեք պաշտպանած չէ Անաւարզեցիին ընտրելիութիւնը, այլ մանաւանդ անոր դէմ եղած է: Լեւոնի հնարագիտութեան արդիւնքը եղած պիտի սեպենք, երկու ընդդիմամարտ ընտրելիներն ալ մէկ կողմ դնելով` երրորդ մը առաջ անցընել, իսկ այս նպատակին յարմար տեսած էր առաջարկել բոլորովին օտար մը, հեռուէ եկած եւ Կիլիկիոյ խնդիրներուն մէջ մաս չունեցող, Սիւնեաց ընտրեալ մետրոպոլիտը, եւ այդ միտքով յոլով թախանձանս առնէր նմա մնալ անդէն, եւ նստիլ յաթոռ կաթողիկոսութեան Հայոց: Բայց Օրբելեան Ստեփանոս ոչ առնոյր յանձն ( ՕՐԲ. Բ. 174). գուցէ եւ լատինասէրներն ալ աւելի կը զգուշանային Արեւելեաններէն կաթողիկոս մը ունենալ, եւ այսպէս արարեալ մեծ աշխարհաժողով, եւ բազում ընտրութեամբ, որ քուէից մեծամասնութեան իմաստն ունի, կացուցանեն կաթողիկոս Հայոց զտէր Կոստանդին ( ՕՐԲ. Բ. 174): Բոլոր մեծպահքը վէճերու մէջ անցուցած ըլլալով, վերջապէս Կոստանդինը օծեցին Սիսի մէջ, յաւագ եկեղեցին Սուրբ Սոփի ( ՕՐԲ. Բ. 184), ի մեծի ճրագալուցի զատկին, որ կը հանդիպէր 1286 ապրիլ 13-ին, եւ ի վաղուեան աւուրն, զատկի օրը` ապրիլ 14-ին, Ստեփանոս Օրբելեանը ձեռնադրեցին եւ պսակեցին ընդ սուրբ առաքելական եկեղեցւոյն Սիւնեաց ( ՕՐԲ. Բ. 228), եւ երկու նշանաւոր հանդէսներ միացուցին զատկական հրաշափառ տօնախմբութեանց:

1169. ԿԵՍԱՐԱՑԻԷՆ ՏԱՐԲԵՐ Է

Կոստանդին Բ ընտրութենէն առաջ յիշուած եւ գործի վրայ գտնուած չէր, եւ Օրբելեան նորա անձնաւորութիւնը ճշդելու համար կը գրէ, թէ էր առաջնորդ սուրբ եւ գերահռչակ մենաստանին Խորին կոչեցելոյ ( ՕՐԲ. Բ. 184), որ էր մերձ ի սահմանս Բարձրբերդոյ եւ Լեւոնկլային` անառիկ դղեկացն, եւ նշանաւոր առաջնորդներ ալ ունեցած էր ( ՍԻՍ. 151): Կոստանդին իր ծագմամբը կը կոչուի Կատուկեցի ( ՍԱՄ. 152), թէպէտեւ Կիլիկիոյ Կատուկ աւանը ( ՉԱՄ. Գ. 284) Սիսուանի տեղագիրը չյիշեր, անոր գիրքը գտած չըլլալուն, եւ ոչ իսկ կը հաւանի նոյնացնել Կատէնի հետ, որ Խորին վանքին մօտ եւ Բարձրբերդի շրջանակին մէջ կը գտնուէր ( ՍԻՍ. 147): Կոստանդինի կանուխէն առանձնացած վիճակը եւ Կատուկի անծանօթ դիրքը պատճառ եղան անշուշտ, որ Անեցիին շարունակողը եւ ասի Կեսարացի յաւելուածը դրաւ Կատուկեցի կոչումին մօտ ( ՍԱՄ. 152), եւ պատճառ եղաւ անուններու եւ անձերու շփոթութեան: Անոր հետեւողութեամբ հետագաներն ալ ընդունեցան, թէ Կոստանդին Կեսարացին միեւնոյն Կոստանդին Կատուկեցին է, որ 3 տարի ետքը նորէն աթոռ դարձած եւ 15 տարի եւս կաթողիկոսութիւն վարած ըլլայ: Այդ շփոթութիւնը բոլոր նոր պատմագիրներէն ընդունուած ու կրկնուած է, բայց մեր յատուկ հետազօտութիւնք առաջնորդեցին մեզ Կատուկեցին Կեսարացիէն զատել, եւ Կոստանդին Բ եւ Կոստանդին Գ անունով տարբեր կաթողիկոսներ ընդունիլ հայրապետական աթոռին վրայ, ինչպէս արդէն ցուցած ենք մեր կազմած ցուցակներուն եւ պատմական յիշատակներուն մէջ (09. ՕՐԱ. 277 եւ 09. ԼԱՒ. ՆՈՅ. 46), եւ այդ մասին հակառակ կարծիքի մը չենք հանդիպած, որ մեր տեսութիւնը հերքած եւ փաստերը ցրած ըլլայ: Կրնար մտածուիլ, թէ մի' գուցէ Կատուկեցին` Կապադովկեցի իմացուած եւ Կեսարեցիի փոխուած ըլլայ. սակայն անհիմն ենթադրութենէ աւելի չէր ըլլար: Իսկ Կատուկեցիին Կեսարացիէն տարբեր ըլլալը հետզհետէ պիտի ցուցնենք, պատմական պարագաները բաղդատած ատեննիս: Կոստանդին Կատուկեցի` Պրօնագործ ( ՍՄԲ. 125) կամ Պրօնգործ ( ՍԱՄ. 152) մականունով ալ կը յիշուի, որ կը նշանակէ պրօն կամ այծի բուրդ գործող արհեստաւոր մը, ինչ որ կրնայ` կամ Կոստանդինի հօրը արհեստը եղած ըլլալ, կամ թէ նոյնիսկ Կոստանդինի վանական անձնաւորութեան մէջ` ձեռագործ զբաղումը ենթադրուիլ: Պատմութիւնը մականունին ծագումը չտար:

1170. ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԻ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆԸ

Ընտրողական պայքարին հոգին բաւական է ցուցնել, թէ Կատուկեցին երբեք լատինամոլ մը եղած չէր կրնար ըլլալ. եթէ Անաւարզեցիին ընդդիմադիր ընտրելի մըն էր: Հետեւաբար մտացածին եւ անհիմն է Անեցիի շարունակողին մեղադրանքը, թէ սա եղեւ առաջին աղթարմայ ի Սիս ( ՍԱՄ. 152): Այդ անունով կ՚իմացուի ուղղափառ հայադաւանութենէ հռոմէադաւանութիւն անցնող մը, հաւանաբար տաճկերէն աքթարմա բառին իմաստով, որ նաւէ մը ուրիշ նաւ փոխադրուիլը կը նշանակէ: Բայց ի դէպ է դիտել, թէ աղթարմա բառը, տառի մը տեղափոխութեամբ նման է աղթամար անունին, եւ աղթարմա բառը աւելի ուշ ժամանակներ գործածական եղած է, երբ Արեւելեայք Աղթամարի աթոռը գլուխին ունենալով` զուտ եւ կատարեալ հայադաւանութիւն կը պաշտպանէին, մինչ Արեւմտայք Կիլիկիոյ աթոռին գլխաւորութեամբ հետզհետէ լատինականութեան կամ հռոմէադաւանութեան կողմը կը հակէին, ինչ որ առիթ տուած էր Աղթամարական եւ Աղթարմայական նմանահնչիւն կոչումներու: Իսկ թէ Կատուկեցին երբեք այսպիսի միտում մը չունեցաւ, հաստատապէս կը քաղուի Օրբելեանի վկայութենէն, որուն անխառն հայադաւան ուղղութիւնը կասկածի չկրնար ենթարկուիլ: Արդ Օրբելեան ոչ միայն այսպիսի կասկած մը չտար Կատուկեցիին նկատմամբ, ոչ միայն համարձակաբերան գովեստներ կը գրէ անոր վրայ, այլեւ Անաւարզեցիին ուղղած թուղթովը ( ՕՐԲ. Բ. 197), անոր լատինամոլ ընթացքը պախարակած ատեն, բնաւ ակնարկ չունի Կատուկեցիին մասին, որուն պաշտպանութեան ալ ձեռնարկած էր, երբ Կիլիկիոյ մէջ զայն գահազուրկ հռչակեցին: Գործերու ընթացքն ալ միեւնոյն բանը կը հաստատէ, որովհետեւ Կոստանդինի կաթողիկոսական աթոռին վրայ մնացած երեք տարիներու միջոցին, հայալատին յարաբերութեանց հետքն անգամ չտեսնուիր, եւ ոչ ալ այդ ուղղութեամբ կարգադրութիւն մը եղած կը գտնուի: Լեւոն թագաւոր ինքն ալ զգուշաւոր ուղղութիւն մը կը պահէր միշտ, եւ միայն Նիկողայոս Դ պապէն Հայոց թագաւորին ուղղուած գիր մը կը տեսնուի 1288 հոկտեմբեր 1-ին գրուած, բայց բոլորովին արտաքին եւ կրօնականէ տարբեր խնդիրի վրայ ( ՍԻՍ. 556): Երկրին կացութիւնն ալ խաղաղական էր շնորհիւ Լեւոնի քաղաքագէտ կառավարութեան, որ Եգիպտացիներու հետ հաշտութեամբ, Թաթարներու հետ բարեկամութեամբ եւ Լատիններու հետ զգուշաւորութեամբ, Կիլիկիոյ հանդարտութիւնը եւ խռովութեանց հեռացումը կը հոգար:

1171. ՍՏԵՓԱՆՈՍԻՆ ՊԱՏԻՒՆԵՐ

Ստեփանոս Օրբելեան, Սիսի մէջ զատկի օրը նոր օծուած կաթողիկոսէն եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն ստանալով, յատուկ պատուասիրութիւններու ալ առարկայ եղաւ: Ժամանակէ մը իվեր Անիի եպիսկոպոսներն էին, որ գերագոյն դիրք ստացած էին Հայաստանի մէջ, մինչ հնաւանդ սովորութեամբ Սիւնեաց եպիսկոպոսն էր, որ նախաթոռ դիրք ունէր Հայ եպիսկոպոսութեան մէջ 417): Բայց Անին հետզհետէ կորուսած էր իր կարեւորութիւնը, եւ Սիւնիքի դիրքը նորէն բարձրացած էր Օրբելեաններուն` Սմբատի եւ Տարսայիճի շնորհիւ: Ուստի երբոր Ստեփանոս ձեռնադրութեան կու գար, միաբան թղթովք եւ ընծայիւք դիմում ըրած էին առ կաթողիկոսն վասն նորոգման սուրբ աթոռոյն հին պատուոյ եւ աստիճանին, որ բարձեալ էր ի վաղնջուց վասն աւերման եւ կործանման աշխարհիս ( ՕՐԲ. Բ. 174): Թէ հնաւանդ իրաւունքը եւ թէ Տարսայիճի ազդեցութիւնը զօրաւոր փաստեր էին Սիւնեաց խնդրանքին համար, ուստի կաթողիկոսն իր կողմէն գրեց շրջաբերական նամակ ոսկեգիր մագաղաթաւ, մեծարգի բանիւք եւ հաստատուն պայմանաւ, եւ նորոգելով զպատիւ աթոռոյն զմետրոպոլտութեանն: Օրբելեան, որ զանազան պատճէններ յառաջ բերած է իր պատմութեան մէջ, կը մոռնայ այդ կարեւոր կոնդակին պատճէնը արձանագրել: Կաթողիկոսը արտաքին կերպով ալ կը շքեղացնէ շնորհուած աստիճանը, եւ զգեցուցանեն Ստեփանոսի զհայրապետական զգեստն ոսկեթել հիւսուածքով, եւ դնէն թագ պատուական ի գլուխ նորա. տային եւ զեմիփորոնն մեծախորհուրդ զերեք կրկինն, որ մետրոպալտացն է: Լեւոն ալ իր կողմէն ուզեց պատուել եւ փառաւորել Տարսայիճի որդին, եւ զգեցուցանէ անոր ի թագաւորական զգեստաց ըստ հայրապետական ձեւոյն, եւ դնէ կրկին անգամ թագ պատուական ի համակ ոսկւոյ ի գլուխն, որ եւ զանուն թագին ինքեանք միթր կոչէին ( ՕՐԲ. Բ. 175): Այդ երկու թագերը, զոր ուրիշ տեղ ալ կը յիշէ Օրբելեան, թէ զինքն պատուեցին կրկին թագիւ ( ՕՐԲ. Բ. 228), եւ միթր անունն ալ, զոր շեշտելով կը նշանակէ, մեզի կ՚առաջնորդէն հետեւցնելու, թէ այս երկուքէն մէկը, որ կաթողիկոսէն նուիրուեցաւ, յունածէս եպիսկոպոսական թագն էր, որ էր Հայ եպիսկոպոսներու հնաւանդ զարդը, եւ միւսը լատինածէս եպիսկոպոսական խոյրն էր, իր լատին անունովը միթր կոչուած, որ Կիլիկիոյ մէջ սկսած էր գործածական դառնալ Ղուկիոս պապէ Գրիգոր Տղայ կաթողիկոսին ղրկուած ընծային հետեւանքով 1020), որեւ կ՚երեւի, թէ այս կերպով առաջին անգամ Կիլիկիայէ Հայաստան կ՚անցնէր: Կաթողիկոսն ու թագաւորը նաեւ այլ բազում պարգեւս մեծամեծս կը նուիրեն Ստեփանոսի, որ հարկաւ շատ աւելի մեծերն ալ ինքն բերած էր, եւ այնպէս բարձրագոյն փառօք դարձուցանեն զայն իր աթոռը, ուր կը հասնի 1287-ին ( ՕՐԲ. Բ. 175), տարի մը եւ աւելի` ատեն անցուցած ըլլալով ձեռնադրութեան երթալու եւ տեղը դառնալու համար:

1172. ՏԱԹԵՒ ԵՒ ՆՈՐԱՎԱՆՔ

Սիւնեաց աթոռը ոչ միայն իր կարեւորութիւնը կորուսած էր, այլ եւ երկփեղկաց ու բաժնուած էր երկու աթոռներու, մէկը Տաթեւի եւ միւսը Նորավանքի մէջ: Սիւնեաց Յովհաննէս եպիսկոպոսը տեսնելով, որ Տաթեւի հին աթոռն աւերեալ էր եւ ապականեալ, եկաւ բնակիլ Նորավանք ( ՕՐԲ. Բ. 96), եւ երբ վախճանեցաւ 1214-ին ( ՕՐԲ. Բ. 95) իր յաջորդն Ստեփանոս Փախրըլմսեհ, կամ Ֆախր-էլ-Մէսիհ, Նորավանքը իբրեւ եպիսկոպոսարան շտկեց ու հաստատեց: Բայց երկու տարիէն վախճանեցաւ 1216-ին, եւ իրեն յաջորդեց Սարգիս, որ առ կենօք նախորդին եպիսկոպոս եղած էր, եւ ինքն ալ բնակէր ի Նորավանս ( ՕՐԲ. Բ. 97): Ասոր ժամանակ Յովհաննէս հօրեղբօրորդի տեառն Ստեփանոսի, ուզելով լինել աթոռակալ Սիւնեաց, Աղթամարի կաթողիկոսէն ձեռնադրուելով եկաւ Տաթեւ նստաւ, եւ այն օրէն բաժանումը սկսաւ: Իսկ Սարգիս, երջանիկն ի հայրապետս, վասն ոչ սիրելոյ զհակառակութիւն եւ զօձտումն եկեղեցւոյ, չուզեց ընդդիմանալ, այլ իրեն պահեց Վայոցձոր եւ Ջահուկ եւ Նախաւան գաւառները, իբր սեպհական ժառանգութիւն Նորավանքի աթոռին ( ՕՐԲ. Բ. 99), եւ մնացածը թողուց Յովհաննէսի, եւ Կոստանդին Բարձրբերդցի կաթողիկոսին ալ բաժանումը հաստատել տուաւ անխախտելի դաշամբ ( ՕՐԲ. Բ. 100): Սարգիս այդ առթիւ անձամբ ալ գացած էր կաթողիկոսին, անկէ ալ Երուսաղէմ ուխտի անցած էր, վասնզի գրուած է թէ մարտիրոսացաւ յԵրուսաղէմ ( ՕՐԲ. Բ. 97), թէպէտ պարագաները ծանօթ չեն պատմութենէն: Այս բաժանումը կը շարունակէր մինչեւ Օրբելեանի ձեռնադրութեան ատենը, եւ երկու աթոռներու եպիսկոպոսներուն կենդանութեան` իրեն ձեռնադրուիլը, յայտնի կը ցուցնէ, թէ Տարսայիճի միտքը Հայաստանի մէջ գերագոյն աթոռ մը հաստատել էր 1164), մետրապոլիտ մեծ աթոռոյն Սիւնեաց ի վերայ այլոց եպիսկոպոսացն, որ կային աստ եւ անդ ոմանք Վայոցձոր, որ է Նորավանքը, եւ ոմանք ի Տաթեւ ( ՕՐԲ. Բ. 174): Միեւնոյն եղած էր կաթողիկոսին միտքն ալ, երբոր կը հաճէր Օրբելեանին համար կոչիլ պռօտօֆրօնդէս պատրիարքն Հայոց, այսինքն նախաթոռ լինել եւ գլուխ ամենայն եպիսկոպոսաց Հայոց ( ՕՐԲ. Բ. 228): Աւելի բացայայտ խօսքով, Հայաստանի վրայ կաթողիկոսական ներկայացուցիչ մը կը հաստատուէր, քանի որ Կիլիկիոյ աթոռին դժուար էր հեռաւոր վիճակներու վրայ անմիջական հսկողութիւն ընել:

1173. ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ ՆԵՂՈՒԹԻՒՆՔ

Տարսայիճ իր միտքը ամէնուն ընդունելի ընել տուած էր, եւ Ստեփանոս միաբան թղթովք ճամբայ ելած էր ( ՕՐԲ. Բ. 174): Բայց մինչեւ որ դառնար միտքերը շփոթած էին, եւ իր գալէն յետ սակաւուց, խանդացեալ եպիսկոպոսացն որ ի Տաթեւ, գնացին առ այլազգիսն եւ բազում ոճիրս սերմանեցին ( ՕՐԲ. Բ. 175): Նախանձին անբաժան ընկերն եղող դաւաճանութիւնն էր, որ նորէն մէջտեղ կ՚ելլեր, քաղաքական տեսակէտներ վերագրելով Ստեփանոսի տրուած պատիւին, կ՚ուզէին զայն կասկածելի ընել Թաթար պետութեան եւ Արղուն խանին աչքին: Բայց մեծ էին Տարսայիճի ազդեցութիւնը եւ Ստեփանոսի ճարտարութիւնը: Նոր մետրապոլիտը անձամբ գնաց Արղունի մօտ, ներկայացուց զնամակ կաթողիկոսին, զոր Արղուն ետ թարգմանել եւ ընթեռնուլ առաջի իւր ( ՕՐԲ. Բ. 230): Ստեփանոս նոյն առթիւ ծանոյց զամենայն որպիսութիւնն: Արղուն հաւանեցաւ տրուած բացատրութեանց, յարգեց ալ Տարսայիճի ազդեցութիւնը, յոյժ հաճեցաւ Ստեփանոսի պաշտօնին, հրամայեաց գրել նմա ըստ իւրեանց օրինին եառլէխ, եւ հաստատեաց զամենայն եկեղեցիս եւ զաշխարհն եւ զեպիսկոպոսունսն ի տէր Ստեփանոս, եւ ետ նմա այր ի դրանէն եւ փայիգայ, եւ այնպէս յուղարկեաց յաթոռ իւր ( ՕՐԲ. Բ. 176): Օրբելեան կը յիշէ եւս թէ ինքն այս առթիւ Արղունի ներկայացուց զսիգէլն, որ է կնիք, հայրենեաց մարմնաւոր ժառանգութեան զոր ետ հայրն իր, որ իրեն իբրեւ իշխանորդւոյ հանեալ էր բաժին ժառանգութեան` Տաթեւ, Նորավանք, Ցաղացքար եւ Արատես վանքերը, որով ոչ թէ լոկ իբր մետրապոլիտ, այլ եւ իբր տէր` իշխանութիւն կ՚ունենար Տաթեւի եւ Նորավանքի աթոռներուն վրայ, եւ կրկին իշխանութեամբ հոգեւոր եւ մարմնաւոր իշխող կը լինէր Սիւնեաց եպիսկոպոսարաններուն ( ՕՐԲ. Բ. 230): Իբր հետաքրքրական պարագայ յիշենք, թէ Արղունի մօտ եղած ատեն, Օրբելեան հրաւիրուեցաւ Քաղդէացւոց նեստորական կաթողիկոսին եւ անոր երկոտասան եպիսկոպոսներուն հետ օրհնել զեկեղեցին ի դրանն արքունի զոր առաքեալ էր մեծ պապն Հռոմայ ( ՕՐԲ. Բ. 230): Թաթարներ արեւմուտք յարձակած ատեննին, լոկ հեթանոսական կրօնք մը ունէին, բայց քրիստոնէութեան եւ իսլամութեան հետ շփուելով անորոշ միջոց մը անցուցին, եւ իրենց պետերէն մէկը այս, եւ միւսը այն կրօնքին պատիւ եւ մերձաւորութիւն կը ցուցնէր: Ապաղա մինչեւ իսկ Լուգդունի ժողովին պատգամաւոր էր ղրկած 1158), Ահմէտ ընդհակառակն քրիստոնէութեան հալածիչ մըն էր եղած 1102), իսկ Արղուն նորէն քրիստոնէից բարեկամ էր դարձած, որպէսզի անոնց օգնութեամբ Եգիպտացիները նուաճէ: Քրիստոնեայք ալ կը յուսային առիթէն օգտուելով Թաթարները քրիստոնէութեան դարձնել, եւ պապեր քանիցս քարոզիչ եկեղեցականներ էին ղրկած անոնց մէջ ( ՕՐԲ. Բ. 368): Բայց Լատիններէն աւելի Նեստորականներ յաջողած էին իրենց քարոզութիւններով, քանի որ աւելի մօտ էին Թաթարներուն, եւ դիւրութիւններ ունէին ժողովուրդը շահելու, մինչեւ Լատիններուն յարաբերութիւնները լոկ քաղաքական կարպարան ունէին: Բաւական նշանակելի է, որ հռոմէադաւան եպիսկոպոս մը եւ նեստորական կաթողիկոս մը կը նուիրագործէին: Օրհնութիւնը կատարեցին ի միասին մեծաւ հանդիսիւ, եւ Արղունէ պատուուեցան յատուկ նուէրներով, որ իւրաքանչիւրին զգեցուցանէր իւրով ձեռամբն զգեստն հայրապետական, զոր ինքն էր սահմանեալ, միւս կողմէն ալ առեալ ի ձեռն զժամհարն շրջեր ի մէջ բանակին, եւ հարկանէր, եւ օրհնէր զամենայնն ( ՕՐԲ. Բ. 230):

1174. ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՔ

Ստեփանոս իր հօր ազդեցութեամբ պաշտպանուած, եւ Թաթար խանին հաստատութեամբը զօրացած, հոգեւոր իշխանութեան գլուխն անցաւ, եւ սակայն շարունակեց բազում վիշտս կրել յեպիսկոպոսացն որ ի Տաթեւ ( ՕՐԲ. Բ. 228), որոնք ոչ միայն Ստեփանոսի, այլ եւ յոլով վիշտս հասուցին եկեղեցւոյ, եւ մինչ ի վախճան ինքեանց երկոցունցն` տէր Հայրապետին եւ տէր Յովհաննէսին, ոչ դադարեաց խազմն եւ խռովութիւնն ( ՕՐԲ. Բ. 175): Այլ թէ ինչչափ եւս ապրեցան այդ երկուքը գրուած չէ, սակայն երկարակեաց եղած պիտի չըլլան, զի Օրբելեան կը գրէ իրեն համար, թէ Արղունի քովէն եկեալ տիրէր ամենայնին ի փառս Աստուծոյ, եւ թէ կային հնազանդութեամբ ի ներքոյ նորա տէր Գրիգորն, որ էր ազգական տեառն Յովհաննիսի, եւ տէր Սարգիս որ ի Նորավանս ( ՕՐԲ. Բ. 176): Տէր Գրիգորը պէտք է Տաթեւի մէջ նոյն ինքն Ստեփանոսի մէկ փոխանորդը սեպել, միւս երկուքին մահուընէ ետքը այնտեղ հաստատուած, իսկ Սարգիսն ալ Նորավանքին եպիսկոպոսն էր, որ կը գովուի իբր բազում արդիւնս ցուցեալ ի Նորավանս, եւ գլխաւորապէս Արփա գետին վրայ Արփա գիւղին մօտ շինել տուած զարմանալի, յոյժ բարձր եւ ընդարձակ եւ լայն կամուրջովը ( ՕՐԲ. Բ. 175): Ստեփանոս թէպէտ կրցաւ բոլոր Սիւնիքի վրայ իշխել միապետեալ զբաժանեալ վիճակս աթոռոյս, բայց Նորավանքի աթոռը չջնջեց, վասն հրահոսան նզովիցն, որ բաժանմունքը վաւերացնող առաջին կաթողիկոսաց, այսինքն Կոստանդին Բարձրբերդցիի եւ Յակոբ Կլայեցիի կողմէն գրուած էին, եւ միանգամայն Նորավանքի աթոռակալ եղող, Յովհաննէս, Ստեփաննոս, Սարգիս, միւս Ստեփանոս, Գրիգոր, եւ վերջին Սարգիս, առաջին եպիսկոպոսաց կողմէն հաստատեալ էին ( ՕՐԲ. Բ. 228): Երկու աթոռներուն սեփական իրաւունքները եւ կալուածները չխախտեց, այլ որոշեց որ մի լիցի երկոցունցս սոցա եպիսկոպոսութիւն, եւ մի առաջնորդ եւ իշխեցող, այսինքն ընդհանուր մետրոպոլիտ մը, եւ բոլոր Սիւնեցիք իբրեւ մի անձն եւ մի սիրտ եղիցին, եւ այլեւս իրարու մէջ չլսեն, եթէ դու Տաթեւացի, եւ կամ Նորավանեցի ես, իսկ եթէ ապագայ ժամանակներու մէջ երկու աթոռներէն որեւէ մէկին աւեր հասցէ եւ դադարի, միւսը աթոռը ժառանգէ զստացուածս նորա ( ՕՐԲ. Բ. 219):

1175. ՕՐԲԵԼԵԱՆՑ ԳՈՐԾԵՐ

Օրբելեաններու եւ Սիւնիքի պատկանեալ տեղեկութիւնները ամփոփ պահելու նպատակով, Կոստանդին կաթողիկոսի վրայ խօսելու չդարձած, կ՚ուզենք համառօտել անոնց պատկանեալ տեղեկութիւնները: Արղունի իշխանութիւնը միշտ խաղաղութեամբ շարունակեց, ստէպ կասկածելով, թէ խորհուրդ նենգութեան էին խորհեալ նմա, իր զօրապետներէն շատերը հետզհետէ սպաննել տուաւ: Այդ առթիւ ոմանք եդին բարուրս մահու նաեւ Վրաց թագաւոր Դեմետրէի վրայ, եւ սպանին տարապարտ` Մովկան կամ Մուզան դաշտի մէջ, 1289-ին ( ՕՐԲ. Բ. 179): Սակայն Արղուն ինքն ալ շատ չապրեցաւ, եւ ինքն ալ մեռաւ 1289-ին ( ՀԵԹ. 85) դեղակուր ըլլալով հարճերուն մէկէն, Մուզան դաշտին մէջ, ի տօնի Թէոդորոսի, որ Յայսմաւուրքի կարգով յունիս 8-ին կը նշանակուի: Իրեն յաջորդեց եղբայրը Քեղաթուն, եւ կամ Գանճիաթու, կամ Ռէզայիտ ( ՀԵԹ. 59), որ Էրնիշի-Թուրնշի մականուն ալ ստացած է, գտաք զկորուսեալն իմաստով: Ստեփանոս Օրբելեան փութաց անոր ալ այցելել, եւ ընդունիլ պատիւ որպէս եղբօրէն, միանգամայն առաւ նոր հրովարտակ հրամանի վերստին հաստատութեամբ ( ՕՐԲ. Բ. 231): Տարսայիճի ալ այցելութեան գացած ըլլալը չպատմուիր, եւ կ՚երեւի թէ արգելուած է ծերութեան եւ տկարութեան պատճառով, վասն զի ինքն ալ վախճանած է 1290-ին, Արփա աւանին մէջ յետ բազում բարեպաշտութեանց եւ երեւելի գործոց ( ՕՐԲ. Բ 177), զորս իրօք առատացուց Տարսայիճ, թերեւս երկկնութեան ապօրէն գործն ալ քաւելու դիտաւորութեամբ 1159): Տարսայիճի մահուանէ ետքը յաջորդութեան խնդիրը գժտութեանց առիթ եղաւ իր զաւակներուն մէջ, եւ գործը աշխարհակալ խանին որոշման ելաւ, որ Արղուն անունով յիշուած է ( ՕՐԲ. Բ. 177), եթէ շփոթութեան վերագրելի չէ, զի Արղունի մահը 1290-ին, եւ 1289-ին, եւ մինչեւ 1287-ին կը նշանակուի անխտիր, եւ եթէ պնդուի Օրբելեանի յիշած անունին վրայ, Տարսայիճ Արղունէ առաջ մեռած կ՚ըլլայ, եւ Արղունի մահը հարկ կը լինի յետաձգել մինչեւ 1290 յունիս ամիսը: Ինչ ալ ըլլայ թուականի խնդիրը վերջապէս խանին վճռովն էր, որ Տարսայիճի աւագագոյն որդին Ելիկումը կ՚անցնէր ի տեղի հօրն, իշխան ի վերայ ամենայնին: Բայց սա իշխանութիւնը ձեռք ձգելով, բոլոր կալուածները չսեփականեց, եւ եպիսկոպոսօք եւ վարդապետօք եւ ազատօք խորհրդակցելով, բաժանեաց զամենայն ժառանգութիւնն եղբայրներուն հետ ( ՕՐԲ. Բ. 178): Տարսայիճ առաջին կնոջմէն Ելիկումէ զատ ունէր Ստեփանոսն ու Փախրադուլը, սակայն Ստեփանոս` եպիսկոպոս եղած, եւ կալուածոց բաժին մըն ալ ստացած էր հօրմէն 1172), իսկ Փախրադուլ վաղամեռիկ եղած էր պատանեկան հասակին մէջ, մինչ տէգ մօրուացն փաղփեալ լինէր թխատիպ տեսակաւ շուրջ բոլորեալ զպատշաճագեղ ծնօտիւքն ( ՕՐԲ. Բ. 244): Կը մնային Ջալալ եղբայրը` զոր Տարսայիճ ստացած էր երկրորդ կնոջմէն, եւ Լիպարիտ հօրեղբօրորդին` Ելիկում Սմբատեանի զաւակը 1159), որոնց նոր իշխանը բաժիններ սահմանեց: Ելիկումի օրով խաղաղութիւնն ու բարօրութիւնը կը տիրէին Սիւնիքի մէջ, երբ ամենայն աշխարհ Հայոց աւերեալ եւ ապականեալ էր: Այնպէս որ ամենեքեան առհասարակ դիմեալ գային ի տէրութեան նորա, եւ անոր մօտ հանգիստ առեալ զետեղէին, եւ մինչեւ իսկ Աղուանից կաթողիկոսն Ստեփանոս, եւ բազում եպիսկոպոսք եւ վարդապետք, իրենց ապաստանի տեղ կ՚ընտրէին Սիւնիքը, եւ Ստեփանոս մետրապոլիտին հիւրընկալութիւնը կը վայելէին ( ՕՐԲ. Բ. 178):

1176. ՀԵԹՈՒՄ ՎԱՆԱԿԱՆ

Կոստանդին Կատուկեցի կաթողիկոսին պաշտօնավարութիւնը հանդարտ ու կանոնաւոր կը յառաջէր, ցորչափ Լեւոն Գ կը թագաւորէր. վասնզի երկուքին մէջ տեսութեանց համաձայնութիւն կար, եւ իրար հասկնալով խոհական ընթացք մը ունէին ծայրայեղութիւններէ խորշելով, եւ գրգռիչ խնդիրներ չյուզելով: Այս պատճառով 1286 ապրիլ 13-էն, որ Կոստանդին օծուեցաւ, մինչեւ 1289 փետրուար 6, որ Լեւոնը վախճանեցաւ, պատմութիւնը միջադէպ մը չի յիշեր, խնդիր մը չի նշանակեր, եղելութիւն մը չի պատմեր: Կանոնաւոր օրեր պատմութեան նիւթ չեն մատակարարէր, խռովութիւններ եւ շփոթութիւններ են որ միջադէպեր կը ստեղծեն, եւ պատմութիւնը կը հարստացնեն: Լեւոնի մահուան պարագաները չունինք, միայն կ՚ըսուի թէ եթող եօթն որդի եւ երեք դուստր ( ՍԱՄ. 153), երկու մանչ եւ աղջիկ մըն ալ վաղամեռիկ եղած էին, իսկ թագուհին Աննա, Կիռան կոչեցեալ իբր Կիր-Ան, որ է Աննա Տիկին, վախճանած էր 1285-ին եւ Դրազարկ թաղուած ( ՍԱՄ. 152) երբ Լեւոն Արղունի այցելութեան գացած էր ( ՉԱՄ. Գ. 282): Դառնալէն ետքը անոր սուգը կատարեց, եւ միւս տարին 1286-ին իր երկրորդ որդին Թորոսը ամուսնացուց Կիպրոսի Հուգոն Գ թագաւորին աղջկան Մարգարիտի հետ, քանի որ անդրանիկն Հեթում չէր ուզած ամուսնանալ: Հեթում թագաժառանգ արքայորդին կանուխէն ինքզինքը բարեպաշտական կենցաղի նուիրած էր, առաջնորդութեամբ Լատին կրօնաւորաց, որոնք հաստատուած ու տարածուած էին Կիլիկիոյ մէջ, եւ որոնց զարգացման արգելք չէին եղած նախորդ կաթողիկոսներ եւ թագաւորներ, չուզելով Լատիններու հակառակութիւն ցուցնել, ինչպէս նաեւ յարգելով անհատական խիղճի ազատութիւնը, թէպէտ եւ իրենք երբեք շեղած չէին իրենց ազգային եկեղեցւոյն ուղղափառութենէն: Այնչափ եղած էր Լեւոնի ազատամտութիւնը, որ մինչեւ իսկ իր թագաժառանգ որդւոյն ներած էր կատարելապէս որդեգրիլ հռոմէական դաւանութեան, եւ կրօնաւորիլ Փրանկիսկեան խոշորազգեստ միաբանութեան մէջ Եղբայր Յովհաննէս անունով: Այս էր պատճառը, որ Հեթում իբր կուսակրօնութեան նուիրուած կրօնաւոր` չէր ուզած ամուսնանալ, ինչպես որ ալ մնաց մինչեւ վերջը: Լատինական կրօնաւորութիւնը կը պահանջէր, որ իր հետեւողները ընտանեկան բնակութիւնը թողլով վանական կենցաղին ենթարկուին, եւ բոլոր աշխարհային հոգերէ եւ զբաղումներէ ձեռք քաշեն: Արդ եթէ Հեթում կրօնաւորութեան հրաւիրուելով վանական կեանք չունէր, եւ արքունիքին մէջ կը մնար, եւ պետական գործերով կը զբաղէր, պէտք է ըսել որ կամ ինքն միաբանութեան Երրորդական կոչուած դասակարգին կը պատկանէր, որով վանական կենցաղէ ու սքեմէ ազատ էր, եւ կամ միաբանութեան վարչութիւնն ու պապութիւնը իրեն համար բացառութիւն ըրած էին, որպէսզի անոր ձեռքով աւելի դիւրալ կարենան Հայերու մէջ սողոսկիլ, եւ զանոնք հռոմէադաւանութեան եւ լատինականութեան վաստկիլ: Որն եւ ըլլայ ստոյգ եղելութիւնը, այսինչ ստոյգ է, թէ հօրը մահուընէ ետքը Հեթում կրօնաւոր իշխանութեան յաջորդեց, եւ թագաւոր հռչակուեցաւ, թէպէտ չուզեց թագ դնել եւ օծուիլ, ինչ որ չէր կրնար լծորդուիլ իր կրօնաւորի կացութեան հետ: Այս է պատճառը որ Հեթում, թէպէտ առնու զպարոնութիւն Հայոց, բայց ոչ ամուսնանայ ընդ կնոջ օրինօքն Աստուծոյ, այլ առանց կնոջ մնալով զգենու զգեստ կրօնաւորի, այնպէս կացեալ ամս ութեւտասն ( ՍԱՄ. 153):

1177. ՓՐԱՆԿԻՍԿՈՍ ԱՍՍԻԶԱՑԻ

Լատին կրօնաւորութեան յիշատակութիւնը կը պահանջէ, որ համառօտ տեղեկութիւն մը տանք անոր ծագման վրայ: Հեթումի մտած Փրանկիսկեան միաբանութեան հիմնադիրն է Փրանկիսկոս Ասսիզացին 1182-ին ծնած, Իտալիոյ Ասսիզիա (Assisi) քաղաքը, առաջին անունով Յովհաննէս Բեռնարդոնէ (Giovanni Bernardone) որուն Փրանկիսկոս կոչումը իբրեւ մակդիր անուն տրուած էր, փրանկերէն խօսիլ գիտնալուն համար: Երիտասարդութենէ առեւտրական գործերով զբաղուած, բայց հոգեսէր զգացումներով տոգորուած, եւ բարոյական ապականութեանց տարածուելէն զզուած, 1206-ին ճգնաւորական կեանքի տուաւ ինքզինքը, կատարեալ աղքատութեամբ եւ անընչութեամբ, միանգամայն նուիրուեցաւ աւետարանական առաքինութիւններ քարոզել խօսքերով եւ օրինակով: Երկու տարի ետքը հետեւողներ ալ սկսած էր ունենալ, եւ 1209-ին արդէն 129 աշակերտներ ունէր, ամէնքն ալ իրեն պէս բոկոտն ու բացագլուխ, եւ քուրձ կապայ մը ու չուանէ գօտի մը իբր զգեստ, կեդրոն ունենալով Բորձիունքուլա (Porziuncula) վանքը Ասսիզիոյ մօտ: Իր միաբանութեան կանոնագիրը նախապէս բերանացի միայն ընդունուեցաւ Իննովկենտիոս Գ պապէն 1210-ին, բայց Փրանկիսկոսի աշակերտութիւնը արագ տարածուեցաւ բոլոր Եւրոպիոյ մէջ, այնպէս որ 10 տարի ետքը, 1219-ին գումարուած համախմբութեան 5000 կրօնաւորներ ներկայ էին, թող իրենց տեղը մնացածները, որուն վրայ միաբանութեան կանոնագիրը պաշտօնապէս ալ կը հաստատուէր 1223 նոյեմբեր 20-ին Հոնորիոս Գ պապէն: Վաւերացման յապաղումը յառաջ կու գար վանական գրութեան մէջ մուծուած նորութենէն: Մինչեւ այն ատեն Արեւմուտքի վանականութիւնն ալ, որ բովանդակ Բենեդիկտոս Նուրսինացի աբբային 529-ին հիմնած հաստատութեան ճիւղաւորումներէն կը բաղկանար, արեւելեան վանականութեան նման էր, եւ իւրաքանչիւր վանք առանձինն մարմին մը կը կազմէր եւ թեմական կառավարութենէն կախում ունէր: Փրանկիսոսի առաջարկած կանոնագրութեամբ, ամէն կողմ ցրուած ու սփռուած վանքեր մէկ ընդհանուր մեծաւորի իշխանութեան ներքեւ պիտի գտնուէին, եւ թեմական կառավարութիւններէ անկախաբար` ուղղակի Հռոմի պապին պիտի հպատակէին: Փրանկիսկեանց հիմնական կանոններն էին անընչութիւն, ողորմութեամբ կամ մուրալով ապրիլ, խոշորակեաց կենցաղ ունենալ, եւ քարոզութեան զբաղիլ: Առաջին նպատակը` Եւրոպիոյ քրիստոնէից մէջ աւետարանական առաքինութեանց քարոզութիւնն էր միայն, բայց վերջէն ոչքրիստոնեաներու քարոզութիւնն ալ աւելցուց, ուղղակի նպատակ ունենալով մահմետականները: Այս դիտմամբ Ասորիք երթալու համար ճամբայ ելաւ 1212-ին, բայց ալեկոծութենէ Դաղմատիոյ ծովեզերքը ինկաւ, եւ պատրաստուեցաւ ետ գալ: Երկրորդ անգամ 1214-ին ուզեց Մաւրիտանիա երթալ, բայց Սպանիոյ մէջ հիւանդացաւ եւ Ափրիկէ չկրցաւ անցնիլ: Վերջին անգամ 1219-ին յաջողեցաւ Եգիպտոս հասնիլ եւ Եգիպտացւոց բանակը մտնել, որով Մէլիք-Էլ-Քեամիլ սուլտանին առջեւ հանուեցաւ, եւ քրիստոնէութեան պաշտպանութեան համար խօսեցաւ, բայց երկրէն հեռացուեցաւ: Անկէ ետքը այլեւս ինքն չտեղափոխուեցաւ, եւ աշակերտները ցրուեց թէ' Եւրոպիոյ քրիստոնեայ տէրութեան եւ թէ' Ասորիքի, Պաղեստինի, Եգիպտոսի եւ Մաւրիտանիոյ մահմետական պետութեանց մէջ: Ինքն վախճանեցաւ 1226 հոկտեմբեր 4-ին 44 տարեկան, լոկ սարկաւագութեան աստիճանով, բայց ընդարձակ գործի մը հիմնադիր եղած, որ հետզհետէ աճեցաւ եւ զօրացաւ:

1178. ՓՐԱՆԿԻՍԿԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Փրանկիսկեան վանականութեան պաշտօնական անունն եղաւ Կրտսեր Եղբարք կոչումը, որ լատին հնչմամբ մեր պատմագիրներէն Մինոր (Minor), Մնուր, Մինորիտ կամ Մինորական գրուած է: Այրերու միաբանութենէն զատ, կանանց վանականութիւն ալ հաստատեց Փրանկիսկոս 1212-ին, քրձազգեաց կուսանաց միաբանութիւն մը, եւ անոր գլուխը դրաւ Կլարա (Glara, Ghiara) կամ Պայծառ Ասսիզացին, որուն անունով Փրանկիսկեան կուսաններ աւելի ստէպ Աղքատ Կլարեանք կը կոչուին: Նպատակը աւելի ընդարձակելու համար ազատ դասակարգ մըն ալ հաստատեց Փրանկիսկոս 1221-ին, որ Երրորդական կոչուեցաւ, իբր զի այր Փրանկիսկեան, եւ կին Կլարեան միաբանութիւններէ ետքը կու գար: Ասոր մէջ անխտիր կ՚ընդունուէին այր կամ կին աշխարհականներ, որոնք աշխարհի կենցաղ կը վարէին, բայց կը պարտաւորուէին վանական կանոններու հետեւիլ որչափ որ կրնային, եւ իւրաքանչիւր օր ինչինչ որոշեալ բարեպաշտութիւններ կատարել, որով մասնակից ըլլային միւս միաբանութեանց, այսինքն Փրանկիսկեանց եւ Կլարեանց, բոլոր հոգեւոր արդիւնքներուն: Այդ Երրորդականներուն կ՚ակնարկէինք, երբոր Հեթումի ամուսնութենէ եւ թագաւորական օծումէ խուսափիլը յիշեցինք 1176): Թէպէտ ամուսնութիւնը Երրորդականներուն արգելուած չէր, բայց կ՚երեւի, թէ Հեթում անդր եւս մղած էր իր բարեպաշտութիւնը, կամ թէ, ինչպէս ըսինք, առաջին դասակարգին պատկանելով ալ բացառութիւն կը վայելէր: Փրանկիսկոսի նպատակը ոչքրիստոնեաներու քարոզութիւնն էր միայն, երբ որ Եւրոպայէ դուրս քարոզութեան ձեռնարկեց, սակայն իր աշակերտները առաւելապէս զբաղեցան Արեւելեան Քրիստոնեաները հռոմէադաւանութեան դարձնելու, եւ պապական իշխանութեան ձեռքը զօրաւոր գործիք եղան Հռոմի ազդեցութիւնը տարածելու: Կրօնաւորները դիւրութիւն ստացան ամէն եղանակ գործածելու, եւ քաղաքական, բարեպաշտական, տեսակ տեսակ միջոցներով պապութեան ազդեցութիւնը ընդարձակելու: Կիլիկիոյ Հայ թագաւորութեան մէջ ալ լատինականութեան տարածուելուն մեծ միջնորդը Փրանկիսկեան կրօնաւորները եղան, որոնք նոյն ինքն արքունեաց մէջ` գործ եւ պաշտօն ստանձնեցին, եւ օգտուելով Լատիններու հետ խնամութիւններէն, հետզհետէ լատինասիրութիւնը աճեցուցին Կիլիկիոյ արքունիքին եւ ժողովուրդին մէջ, վերջէն ուղղակի Հայ եկեղեցիին մէջ մտնելու համար: Ասորիք արդէն Փրանկիսկոսի կենդանութենէն իբրեւ նպատակակէտ ընտրուած էր, եւ Ասորիքէ Կիլիկիա անցնիլը շատ դիւրին եղաւ: Փրանկիսկեանց մասին տեղեկութիւնները լրացնելու համար աւելցնենք, թէ երբ Փրանկիսկոսի աշակերտութիւնը տարապայման աճեցաւ, եւ հետզհետէ հարիւր հազարէ աւելի եղաւ, այլ եւս անհրաժեշտ դարձաւ անոր ճիւղաւորուիլը, որով տասնէ աւելի միաբանութիւններ կան այսօր, որոնք հաւասարապէս իրենց նախահայր կ՚ընդունին Փրանկիսկոսի Ասսիզացին, բայց կանոնադրութեան, սքեմի, կենցաղի եւ գործունէութեան տեսակէտներով բոլորովին կը տարբերին, եւ իրարմէ անկախ մարմիններ կը կազմեն, որոնց թուարկութիւնն ու բացատրութիւնը մեր նպատակէն դուրս կը մնայ:

1179. ՏՈՄԻՆԻԿՈՍ ԴՈՄԻՆԻԿԵԱՆՑ

Փրանկիսկեանց ետեւէն համառօտ տեղեկութիւն մըն ալ տանք Դոմինիկեանց վրայ, որոնց գործունէութեան ասպարէզ դարձաւ Հայաստան, երբ Փրանկիսկեանք Կիլիկիոյ մէջ կը գործէին: Դոմինիկեանց հիմնադիրն է Դոմինիկոս, ազգանուն Կուզման (Dominicus Guzman), 1170-ին ծնած Սպանիոյ Կալագորիա (Calahorra) քաղաքը, որ մանկութենէն եկեղեցական ուսմանց եւ բարեպաշտական կրթութեանց հետեւեցաւ, մինչեւ որ Ոքսամիոյ (Osma) եպիսկոպոսարանին մէջ քահանայ ձեռնադրուեցաւ, եւ ուսուցչութեան կոչուեցաւ: Սպանիայէ դուրս, ուղեւորութեանց առթիւ հանդիպեցաւ Գաղղիոյ Ոկիտանիա (Languedoc) նահանգը, ուր Ալբիգեան աղանդաւորներ զօրացած եւ արտաքին բռնութեանց ալ ձեռնարկած էին, նման Պաւղիկեանց 675), որոնցմէ ծագում առած կը կարծուին: Այս պարագայն թելադրեց Դոմինիկոսի աղանդաւորներու դէմ քարոզչութեան գաղափարը, զոր առաջ ինքն անձամբ սկսաւ, յետոյ իրեն ընկերներ սկսաւ ունենալ, որոնք 1206-ին Փանսմ (Fanjeaux) քաղաքի մօտ վարժարան մըն ալ բացին աղանդաւորաց տղաքները ուսուցանելու, եւ 1211-ին միաբանութեան ձեւ առին, եւ 1225-ին Ինովկենտիոս Գ պապին հաւանութիւնը ստացան, միեւնոյն ձեւով եւ կազմութեամբ` զոր Փրանկիսկոս տուած էր իր կազմած միաբանութեան: Դոմինիկոս իրեններուն իբր պաշտօնական անուն որոշեց Քարոզիչ Եղբարք կոչումը, եւ միաբանութիւնը հետզհետէ տարածուեցաւ Եւրոպիոյ մէջ, կեդրոն ունենալով Իտալիոյ Բոնոնիա (Bologna), քաղաքը, ուր Դոմինիկոս ինքն ալ հաստատուեցաւ: Իսկ 1216-ին Հռոմ երթալով, Հոնորիոս Գ պապէն իր միաբանութեան վաւերացումը ստացաւ դեկտեմբեր 26-ին: Անկէ ետքը աւելի ազատօրէն սկսան գործել Քարոզիչ Եղբայրները ուղղակի պապական իշխանութեան զօրութեամբ, ամէն միջոցներ գործածելով աղանդաւորներու դէմ, ինչպէս որ ինքն Դոմինիկոս 1213-ին անձամբ գործակցած էր Խաչակիր բանակին, որ Մոնտեփորտիոյ (Monfort) կոմսին հրամանատարութեամբ Ալբիգեանց դէմ քալեց, եւ սեպտեմբեր 12-ին 16, 000 հոգի կոտորեց: Դոմինիկոս ալ Փրանկիսկոսի նման Դոմինիկեան Կուսանաց եւ Դոմինիկեան Երրորդականաց կարգեր հաստատեց, իսկ սքեմի համար նշանակեց հասարակ ասուէ ճերմակ կապայ սեւ կրկնոցով: Դոմինիկոս ալ ճգնութիւններէ հիւծած էր, եւ վախճանեցաւ Բոնոնիոյ վանքը 1221 օգոստոս 6-ին, 51 տարեկան: Նա իր կենդանութեան սկսած էր աշակերտներ յղել Յունաստան եւ Ասիա, աղանդաւորներու դէմ մաքառումը տարածելով հռոմէադաւանութենէ դուրս գտնուող եկեղեցիներու վրայ, բայց այս դիտումը աւելի ընդարձակուեցաւ իր մահուանէ ետքը, մանաւանդ երբ Գրիգոր Թ պապ 1229-ին աղանդաւորաց դէմ մաքառելու համար հաւատաքննութեան ատեանները հաստատեց, եւ 1232-ին ատեաններուն նախագահութիւնն ու դատաւորութիւնը յանձնեց Դոմինիկեան կրօնաւորներուն: Ինչ որ հաւատաքննութիւնը Արեւմուտքի մէջ գործեց, մեր նպատակէն դուրս կը մնայ, միայն յիշենք, թէ Դոմինիկեանք սկսան դէպ Հայաստան ալ ուղղել իրենց կրօնական արշաւանքը, ինչպէս որ շատ մը պարագաներ եւ յիշատակներ կը հաւաստեն ( ՍԻՍ. 383), եւ զայն հետզհետէ ընդարձակեցին, մինչեւ որ Յովհաննէս ԻԲ պապը 1318-ին Լատին արքեպիսկոպոս մը կը հաստատէր Արեւելեան գաւառներուն մէջ, վեց ենթարկեալ եպիսկոպոսներով: Այդ ամէն քարոզիչները Դոմինիկեան միաբանութենէ էին, եւ իրենցմէ գլխաւոր գործիչն եղաւ Բարթողիմէոս Բոնոնիացի (Bartolomeo di Bologna) Մարազայի եպիսկոպոսը, որ տեղական լեզուներու տիրանալով, եւ քարոզելով եւ ուսուցանելով գիտնականի հռչակ ստացաւ, մինչեւ Հայ վարդապետներէն ալ շատեր սկսան իրեն դիմել լատին լեզուի եւ Լատինաց մէջ ծաղկող ուսումներու հետեւելու համար: Այդ Բարթուղիմէոսէ սկսաւ Հայաստանի Ունիթորներու (Unitor) կամ միաբանողներու գործունէութիւնը, որուն պարագաները հետզհետէ պիտի պատմենք:

1180. ՆԻԿՈՂԱՅՈՍԻ ԹՈՒՂԹԵՐԸ

Այս էր ընդհանուր կացութիւնը, երբ լատինականութեն վաստակուած Փրանկիսկեան կրօնաւորն Հեթում, Հայոց թագաւորական գահին կը տիրանար, երբ ուրիշ Փրանկիսկեան կրօնաւոր մըն ալ, Հերոնիմոս Ասկուլեցի (Girolamo d՚Ascoli), Նիկողայոս Դ անունով, տարի մը առաջ, 1288-ին, պապական աթոռ էր բարձրացած: Հեթումի առաջին գործը կ՚ըլլար, իր միաբանակից կրօնաւորներէն Յովհաննէս Մոնտեկորվինացին (Giovanni da Montecorvino), ի կարգէ Ֆրամնօրաց (Fratres Minores), այսինքն Կրտսեր Եղբարց, իբրեւ դեսպան Հռոմ ղրկել, խնդրելով ընդունիլ ի հաղորդութիւն հռոմէական սուրբ եկեղեցւոյն ( ԿԱԼ. 403): Սակայն Հեթում արդէն ընդունուած պէտք էր ըլլար, եւ երեւի թէ իր թագաւորութեան մասին էր խնդրանքը, սակայն չենք կրնար ճշդել, գրութեան պատճէնը չունենալով: Նիկողայոս Դ առանց ժամավաճառ ըլլալու 1289 յուլիս 7-ին կը պատասխանէր Հեթումի սրտագին խնդակցութեամբ, եւ անոր կը հաղորդէր հանգանակ մը, որուն համար Կալանոս լատիներէն էջին մէջ կ՚ըսէ, թէ նոյնն էր զոր Կղեմէս Դ պապը Միքայէլ Պալէոլոգ կայսեր առաջարկած էր ( ԿԱԼ. 404): Նիկողայոս կը յանձնարարէ, որ իբր կաթողիկեայ իշխան, ինչպէս լատիներէնին մէջ գրուած է, եւ ոչ հռոմէական դաւանութեան ընդարձակ ուղղափառ, ինչպէս Կալանոս կը թարգմանէ ( ԿԱԼ. 404), ջանիւ հոգասջիս ածել ի սոյն զամենայն հայրապետս եւ ժողովուրդս Հայաստանեաց ( ԿԱԼ. 405): Պապին առաջարկած հանգանակին մէջ ( ԿԱԼ. 406-410), Երրորդութեան եւ Մարդեղութեան կէտերէն ետքը, կը խօսուի եկեղեցւոյ վրայ, կը յիշուին զատ զատ եօթն խորհուրդներ, պսակի համար որեւէ լուծումն չընդունուիր, բայց կ՚ընդունուին երկրորդս եւ երրորդս եւ զայլս հետեւաբար պսակներ, եւ ընդարձակօրէն կը խօսուի Հռոմի պապութեան վրայ, իբրեւ գերագոյն եւ լի պետութիւն եւ իշխանութիւն ի վերայ ընդհանուր եկեղեցւոյ, որուն ամենայն եկեղեցիք եւ առաջնորդք նոցա պարտին պատիւ եւ հնազանդութիւն ցուցանել, որուն ատեան եւ դատասատանն կարէ հատանել զամենայն վճիռս, եւ մինչեւ իսկ կ՚ըսուի թէ պապութիւնն է, որ կամեցաւ շնորհել զանազան յատուկ իշխանութիւնս բազում այլ եկեղեցեաց, մանաւանդ նոցա, որք են պատրիարքական: Նիկողայոս Դ Հեթումի գործը դիւրացնելու, եւ Կիլիկիոյ Հայերուն ազգովին հռոմէադաւանութեան անցնիլը յաջողցնելու համար, տէրութեան գլխաւորներուն ալ զատ զատ նամակներ կ՚ուղղէ, ինչ որ անշուշտ Մոնտերկորվինացիին թելադրութիւնն էր, նոյնիսկ Հեթումի կողմէ կարգադրուած: Կալանոս կը յիշէ Մարիամ իշխանուհին, Հայոց թագուհիին քոյրը, որ պէտք է ըլլայ հանգուցեալ Աննա թագուհիի քոյրը, Հեթում Լամբրոնացիին դուստրը, բայց չենք գիտեր թէ որուն ամուսինը եւ իflնչ դիրքի տէր էր: Կը յիշէ եւս Թորոս արքայեղբայրը, Լեւոն սպարապետը, Օշին մարաջախտը, եւ կը յարէ թէ գրեց եւ առ այլ իշխանս, եւ եւս առ ամենայն ժողովուրդն ( ԿԱԼ. 411): Ինչպէս կը տեսնուի ընդարձակ ծրագիրով մը կը պատրաստէր հայադաւանութեան դէմ յարձակումը:

1181. ԿԱՏՈՒԿԵՑԻՆ ԵՒ ՀԵԹՈՒՄ

Հեթում արդէն պատրաստ էր պապական հրամանին հպատակելու, բայց պէտք էր նախապէս կաթողիկոսն ալ համոզել նոյն նպատակին, եւ ահա՛ այս կէտէն կը սկսի Հեթումի կողմէ Կոստանդին կաթողիկոսին դէմ յայտնուած հակառակութիւնը, եւ Օրբելեան կը վկայէ, թէ առ նախանձ հակառակութեան բերեալ ի սրտին ընդ կաթողիկոսին Կոստանդեայ ( ՕՐԲ. Բ. 184), թշնամական դաւաճանութեանց ձեռնարկեց: Ամէն պարագաներ կը համաձայնին հաստատել թէ հռոմէադաւանութեան խնդիրն էր այդ հակառակութեան պատճառը, եւ թէ Կատուկեցին չէր համակերպեր պապական հանգանակին ընդունելութեան, որուն Հեթում կանուխէն պատրաստուած էր, մինչ հակառակութեան առիթ չէր ծագեր` եթէ Կատուկեցին եղած ըլլար առաջին աղթարմայ ի Սիս ( ՍԱՄ. 152): Արդէն Կոստանդինի ընտրութիւնը` հակառակ կուսակցութեանց պայքարի առիթ տուած էր, եւ լատինամիտներու պարագլուխ Գրիգոր Անաւարզայ եպիսկոպոսը կաթողիկոսացնելու համար շարժում մը եղած էր, զոր հազիւ կրցեր էին խափանել Կարմիր-Լերան վանականները, Լեւոնին յայտնելով Անաւարզեցիին ուղղութիւնը ( ՕՐԲ. Բ. 199): Այժմ Լեւոնի տեղ Հեթումն էր, որ բոլորովին տարբեր զգացումներով տոգորուած, Անաւարզեցիին ուղղութիւնը թագաւորին ընդգրկած ընթացքն էր, ուստի դիւրին եղաւ Հեթումի Կատուկեցիին հակառակորդները իրեն միացնել, եւ առնել ինքեան խորհրդակից` յեպիսկոպոսաց եւ յիշխանաց զգլխաւորագոյնսն, նաեւ ի վարդապետաց իսկ: Թէպէտ անունը տրուած չէ, բայց ակներեւ է, որ Անաւարզեցին է եղած այդ խմբակին գլուխը: Ինչ բանակցութիւններ եւ առաջարկներ եւ ընդդիմութիւններ եղան այդ միջոցին` մանրամասնօրէն պատմուած չունինք, բայց պէտք է ըսել թէ կարի շտապաւ մղուեցան գործերը, զի 1289 յուլիս 7-ին էր պապին նամակը, եւ տարին չվերջացած, միեւնոյն 1289 տարին, ինչպէս կը գրէ Օրբելեան ( ՕՐԲ. Բ. 186), եւ կը կրկնէ Սմբատի շարունակողը ( ՍՄԲ. 125), խնդիրը իր լուծումին յանգեցաւ Կատուկեցիին գահընկէցութեամբը:

1182. ԿԱՏՈՒԿԵՑԻՆ ԳԱՀԸՆԿԷՑ

Այդ նպատակին համար Հեթում հրապուրեալ զամենեսեան տիրանենք խորհրդով առնէ ժողով ի Սիս մայրաքաղաք, եւ այդ ժողովին մէջ յառաջ կոչէ զքիլսն չարաբանս, որոնք դնեն բարուրս բազումս զրադատ բանից ի վերայ հայրապետին ( ՕՐԲ. Բ. 184), եւ զորս յայտնապէս սուտ վկայս կը կոչեն ուրիշներ ( ՍՄԲ. 123): Ինչպէս պատմիչին բացատրութիւններէն կը քաղուի, կ՚երեւի թէ բնաւ դաւանական կամ վարդապետական խնդիր մը յուզուած չէ, որ կատարեալ աննպաստ պիտի ըլլար Հեթումի նպատակին, եւ Կատուկեցին իր եկեղեցւոյն հաւատարիմ պաշտպանը եւ փոփոխութեանց հակառակորդը պիտի երեւար: Ուստի բոլորովին արտաքին եւ բարոյական կէտերու վրայ ուզած են կենալ, զորս անարժան եւ անպատշաճ լսողաց կ՚անուանէ Օրբելեան ( ՕՐԲ. Բ. 184), եւ կ՚որակէ իբր զքրթաքաղս, յաղբիւսաց, եւ որոնց թիւը մինչեւ ցերեսուն հասած կ՚ըսէ, բայց այն երեսուն բաղբաղեալ հայթայթանս ամբողջ չի յիշեր, եւ միայն երկուքը առջեւ կը բերէ իբրեւ նմոյշ: Ասոնցմէ մէկն է թէ յառաջ քան զպատարագն ըմպէ շարբաթ, որուն Օրբելեան չի հաւատար, բայց եթէ ըրած ալ ըլլայ, վասն տկարութեան մարմնոյ ըրած պիտի ըլլայ, կ՚ըսէ, որով հայրապետական հանդիսութիւն մը խափանելէ խորշելով, դեղ մը առած ըլլալը կը պաշտպանէ: Երկրորդ ամբաստանութիւնն է թէ առնու հարկս ի լկտանոցացն որ ի Հռոմկլային, եւ այդ կէտը կ՚արդարացնէ` թէ ի հայրապետական կանոնսն օրինադրուած է ի պոռնկաց եւ ի շնացողաց եւ յամենայն վնասակարաց տուգանս դահեկանաց տալ յեկեղեցին, եւ թէ այդ սահման է յամենայն ընդհանրական քաղաքս Հայոց եւ Յունաց եւ ամենայն ազգաց: Մանաւանդ որ կաթողիկոսը այդ տուգանքի գումարները ոչ եմոյծ պատարագ կամ երախայրի ի տուն Տեառն, այլ տայր ի հռոգս սպայիկ բերդապահացն, այսինքն է Հռոմկլայի բերդապահ զինուորներուն ռոճիկին կը գործածէր ( ՕՐԲ. Բ. 187): Սակայն այդպիսի դիտողութիւններ աւելորդ էին Սիսի ժողովակին գումարուողներուն, անոնք ոչ միայն բարուրանքներուն անհիմն, այլ զրպարտութիւն լինելն ալ գիտէին, եւ միայն Կատուկեցին հեռացնել կը ջանային, որպէս զի համարձակ իրենց նպատակին ծառայեն: Ըստ այսմ շուտով վճռեցին, ինչ որ նախապէս որոշած էին, թէ Կուտակեցին հայրապետութեան անարժան է, եւ պէտք է զայն աթոռէն վար առնել: Իսկ կաթողիկոսը ոչ ժողովին գտնուած է, եւ ոչ որոշումէ առաջ իրմէ բացատրութիւն ուզուած է, որովհետեւ պատուիրակներու ձեռքով հաղորդուած է իրեն տրուած որոշումը, եւ ինքն իր պատասխանը տուած է ցպատգամաւորսն ( ՕՐԲ. Բ. 186), եւ ոչ թէ ժողովի առջեւ:

1183. ԺՈՂՈՎԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՆԵՐ

Հայրապետական աթոռը Հռոմկլայ էր միշտ, եւ այնտեղ էր կաթողիկոսներու սովորական բնակութիւնը, սակայն պատմութեան կարգէն կը տեսնուի, թէ ժողովին վերջը Կոստանդին կը գտնուի Սիսի եպիսկոպոսարանին տունը, որ էր մերձ ի քաղաքն Սիս, զոր Գլխաբացի կոչեն ( ՕՐԲ. Բ. 186), եւ հիմա ալ Հին կաթողիկոսարան անունով կը ցուցուի քաղաքին հարաւային ծայրը ( ՍԻՍ. 216): Չենք գիտեր թէ հանդիպմամբ այնտեղ կը գտնուէր Կոստանդին, վասն զի ստէպ կը պատահէր կաթողիկոսներուն թագաւորին մօտ գալը, կամ թէ պատրուակով եւ կամ հրամանով այնտեղ բերուած էր: Ամէն առթի մէջ ծանրացուցիչ պարագայ մը պէտք է նկատել, որ Սիսի մէջ առանց կաթողիկոսի եւ կաթողիկոսի դէմ ժողով կը գումարուէր, երբ կաթողիկոսը Սիսի մէջ էր, քննիչ եղեալ ծառայքն` տեառն, եւ հօտն` հովուին, ինչպէս զայրացմամբ կը դիտէ Օրբելեան ( ՕՐԲ. Բ. 184): Մեզի տարօրինակ պիտի չթուէր կաթողիկոսի մը դատաստանի ենթարկուիլը, եթէ ժողովը օրինաւոր լինէր, եթէ բոլոր եպիսկոպոսներ ու իշխաններ հրաւիրուած ըլլային, եւ եթէ շարժառիթը ստոր եւ օտարախորթ նպատակ մը չըլլար, մինչ այս տեղ ափյափոյ գումարուած կուսակիցներու խմբակ մըն էր կաթողիկոսը դատելու յանդգնող ժողովը: Մենք բացարձակապէս անտեղի պիտի հռչակէինք անոր որոշումը, եւ ապօրինի Կատուկեցիին գահազրկութիւնը, եթէ Կոստանդին ինքն կնճիռը լուծած չըլլար իր յօժարակամ հրաժարելովը: Ժողովին կողմէ պատգամաւորութիւն մը անմիջապէս կաթողիկոսին կը ներկայանայ Գլխաբացի տունը, եւ կը հաղորդէ իրեն դէմ եղած ամբաստանութիւնները եւ ժողովակին վճիռը: Իսկ հեզն այն եւ հանդարտն Կոստանդին, ոչինչ ընդոստնոյր իբր յանկարծականի եկած, եւ ոչ ալ պաշտպանութեան կը ձեռնարկէր, եւ խոնարհամիտ կերպով կը պատասխանէր, թէ դուք յայտնի բաները տեսեր էք, բայց մոռցեր էք զծածուկն, որում վկայէ միայն ծածկագէտն, զի իրօք բիւրապատիկ քան զդոյն ունիմ ամբարեալ յոգիս յանցանս, եւ գիտեմ թէ չեմ արժանի այսմ աստիճանի: Ասոր վրայ կը դառնայ պատգամաւորներուն հարցնել, թէ իflնչ պէտք է որ ընէ, եւ անոնք կը պատասխանեն ինչ որ որոշած էին թագաւորն եւ ժողովն, եւ կ՚ըսեն, Ի բաց հան ի քէն զկաթողիկոսութիւն եւ տուր ցմեզ ( ՕՐԲ. Բ. 184):

1184. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԱՄԱԿԵՐՊԻԼԸ

Կոստանդին հակառակութիւն չի յայտներ, եւ յանձն առնոյր յօժարութեամբ, միայն գործին հայրապետական եւ վեհանձն ձեւ մը կու տայ: Կաթողիկոսական զարդերը ամբողջութեամբ կը հագնի, նափորտ բազմախաչ, եմիփորոն հինգկրկին, թագ պատուական, գաւազան հայրապետական, եւ մատանի մեծագին: Կ՚ելլէ, կը կանգնի, եւ առեալ ի ձեռն զաջ սրբոյն Գրիգորի, օրհնութիւն մը կը կարդայ Հայոց թագաւորութեան եւ աշխարհին վրայ, եւ վերջէն խօսքը իր վրայ դարձնելով կը յաւելու. Գոհանամ զքէն Տէր իմ Յիսուս, որ մատնեցէր զիս մարմնաւոր դատաստանաց եւ անցաւոր պատժոց եւ ամօթոյ, եւ ոչ պահեցեր յօրն մեծ` յորում դատաստանքն ահեղ եւ պատիժքն անվճար եւ ամօթն յաւիտենական: Տուր սոցա առաջնորդ բարի եւ հովիւ ընտիր, զի ըստ կամաց քոց հովուեսցէ զբանաւոր հօտս քո: Այլ արանցս այսոցիկ, որ առին զդատաստանս քո եւ նախ քան զօրն իմ աստուածաբար դատեցին զիս, դու արասցես իրաւունս ընդ իս եւ ընդ նոսա: Այս տեղ միջանկեալ դիտողութիւն մը Լուսաւորչի աջը ձեռքն առնելուն վրայ, որուն պէտք պիտի ըլլար փոխաբերական իմաստ տալ, եթէ չուզէինք ենթադրել, թէ կաթողիկոսները նուիրական Աջը հայրապետանոցէ դուրս ալ միասին կը պտտցնէին, զի Կատուկեցին Հռոմկլայէ դուրս կը գտնուէր: Օրհնութենէն ետքը կը սկսի մէկիկ մէկիկ հանել հայրապետական զարդերը, զորս կը դնէ ի վերայ արծաթի սեղանոյ, որ կ՚երեւի թէ զգեստները պարունակող սկուտեղն էր: Եպիսկոպոսութեան սքեմն ալ կը հանէ եւ զարդերուն վրայ կը դնէ, եւ կը հագնի մազեղէն մի սեւ յոյժ խոշոր, եւ գլուխն ալ քուսիթայ կամ գտակ մը կը դնէ ի նոյն մազեղէնէն, մատանին ու գաւազանն ալ կու տայ ցպատգամաւորսն ըսելով, ահա զոր խնդրէքդ, եւ այսպէս կը փակուի սրտաշարժ տեսարանը, որ կատարեալ առաքինութեան ստոյգ առհաւատչեայ մըն էր: Կը նայի չորս կողմը եւ ողջունելով զամենայնն` կ՚ելլէ Գլխաբացի եպիսկոպոսարանէն, եւ միայն ու լռիկ ( ՕՐԲ. Բ. 186), կ՚երթայ առանձնանայ, եւ հաւանաբար իր սիրելի Խորին վանքը, եւ վարել նոյն վանական կեանքը զոր կաթողիկոսութենէ առաջ ունէր: Կատուկեցիին անընդդիմադիր համակերպութիւնը, փոխանակ իր հակառակորդները ուշաբերութեան յորդորելու, նոր կասկածանք առիթ կը դառնայ: Կը կարծեն թէ գուցէ ելանիցէ յայսմ իշխանութենէ, այսինքն Կիլիկիոյ թագաւորութենէն, եւ երթեալ ի վերին աշխարհն Արեւելից, անդ ընկալեալ լիցի պատուով կաթողիկոսութեան: Ուստի անմիջապէս ետեւէն պաշտօնեաներ յուղարկեալ, ըմբռնեն զնա, եւ տարեալ ի բերդն Լամբրոն դնեն ի մետաղս երկաթի կապանօք ( ՕՐԲ. Բ. 186): Այսպէս վատշուերքն այն եւ ջեռեալքն նախանձու եւ հեռիւ, ինչպէս կ՚որակէ Օրբելեան Կատուկեցիին հակառակորդները, ոչ շատացան եւ ոչ յագեցան այնու, որ զրպարտութեամբ զայն գահընկեց ըրին, այլեւ շղթայակապ բանտարկելու չափ առջեւ գացին ( ՕՐԲ. Բ. 186): Ահա մոլեռանդ հռոմէականութեան հոգեկան զգացումը, եւ Արեւմուտքի մէջ սկսուած հաւատաքննութեան մէկ օրինակը Արեւելքի մէջ:

1185. ԱՐԵՒԵԼԵԱՅՑ ԸՆԹԱՑՔԸ

Մեր այդ դիտողութիւնը ձրի եզրակացութիւն մը չկարծուի, զի այն ուղղակի կը հետեւի վերոյիշեալ կասկածէն, զոր ունեցան լատինամիտ խմբակին գլխաւորները, թէ Կոստանդին կրնար Հայաստան երթալ եւ միանալ Արեւելեան վարդապետներուն խումբին հետ, որոնց հաստատամիտ հայադաւանութիւնը աշխարհաքարոզ էր: Այնտեղ կրնար իբրեւ կաթողիկոս պատիւ գտնել եւ պաշտօն վարել, եւ տկարացնել Կիլիկիոյ աթոռն ու իշխանութիւնը: Ուրեմն յայտնի էր թէ Կատուկեցին Արեւելեայց համամիտ էր, Հայ եկեղեցւոյ աւանդութեանց վրայ հաստատամիտ էր, հռոմէական կամ լատինական մերձեցումներէ հեռու էր, եւ Հեթումի ու Անաւարզեցիի ուղղութեան եւ ընթացքին հակառակորդ եղած էր, եւ անոր համար կը կրէր լատինամիտներուն հալածանքը, երկրորդ զոհ մը Գրիգոր Քարավէժէ ետքը 1037): Անտարբեր պէտք չէ նկատուի Կալանոսէն իրեն առաջնորդ ընտրուած լատինամիտ պատմագիրին ( ԿԱԼ. 403), եւ նոյն ինքն Կալանոսի ( ԿԱԼ. 411), Կոստանդինի հանդէպ պահած լռութիւնը, որով Յակոբի անմիջական յաջորդ կը նշանակեն Ստեփանոսը, Կոստանդինի անունը կաթողիկոսներու շարքէն իսկ ջնջելով: Այսչափ անախորժ երեւցած է հռոմէադաւաններու աչքին Կատուկեցի խոնարհամիտ, այլ հաստատամիտ հայրապետը: Կիլիկեան խմբակը զգաց, թէ Արեւելքի մէջ լաւ տպաւորութիւն պիտի չընէր` ինքնագլուխ գահընկէց ընելնին կաթողիկոս մը, որ լաւ անուն կը վայելէր, ուստի առ ժամս զանց ըրին նոր կաթողիկոս մը ընտրել, եւ Ստեփանոս Սկեւռացի վարդապետը պատուիրակ նշանակեցին, իբր զի Տաթեւի վանքին մէջ վարժեալ եւ ուսեալ մէկն էր, եւ կրնար աւելի ընդունելի երեւալ Արեւելեայց մօտ: Անոր յանձնեցին իրենց ժողովակին գիրը, յորում գրեալ էին զպատճառ աքսորման կաթողիկոսին, միառմի թուելով կազմուած երեսուն գլուխ ամբաստանութիւնները, ամէնն ալ, ումպէտ բանիւք բաղբաղեալ հայթայթանք, եւ միանգամայն հրաւիրական նամակօք կ՚առաջարկէին Արեւելեան եպիսկոպոսներուն ( ՕՐԲ. Բ. 186), գնալ ի ժողովն նորոգ ընտրութեան հայրապետի ( ՕՐԲ. Բ. 187): Ստեփանոս Օրբելեան, որ իբր մետրապոլիտ Սիւնեաց եւ ներկայացուցիչ պատրիարքին Հայոց, գլուխ էր ամենայն եպիսկոպոսաց Հայոց որ յԱրեւելս ( ՕՐԲ. Բ. 228), նա գլխաւորապէս կարդաց Սկեւռացի Ստեփանոսի բերած գիրերը, եւ լսեց անոր բացատրութիւնները, եւ տեսաւ որ եղած ամբաստանութիւնները երբեք ոչ տային կարծիս վնասու ինչ ի հաւատ կամ յեկեղեցի ( ՕՐԲ. Բ. 187): Ասոր վրայ խորհրդակցութիւն ալ տեղի ունեցաւ, եւ տեսնուեցաւ որ բողոքելու եւ գործին անվաւերութիւնը մէջտեղ դնելու ալ պէտք չէ մնացած, քանի որ Կատուկեցին կամաւոր հրաժարականովը կատարուած գործողութեան կերպարան մը տուած էր եղելութեան, եւ բողոքի տեղի չէր թողած: Ուստի պատգամաւորին ազդարարեցին, թէ մեք ոչ եմք հասու կամ խորհրդակից եղծման, զի եւ նորոգմանն հաղորդեսցուք, եւ կատարեալ չէզոքութեան դիրքը առնելով որոշեցին, որ եւ ոք որ իքնահաճ կամօք եղծումն արար, նոյն եւ զնորոգ ընտրութիւնն հոգասցէ ( ՕՐԲ. Բ. 188): Այսպէս Կոստանդինի հայրապետութեան վերջանալը, իրական եւ գործնական հաստատութիւն ստացաւ, առաջ իր հրաժարականով, եւ վերջէն Արեւելեայց չէզոքութեամբ: Կատուկեցիին կաթողիկոսութիւնը տեւեց ամս երեք ( ՕՐԲ. Բ. 184). 1286-էն 1289: Ընտրութիւնը տեղի ունեցած էր ապրիլ 13-ն, իսկ գահընկէցութիւնը կամ հրաժարականը կ՚իյնայ 1289-ին վերջերը: