Ազգապատում. հատոր Բ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ԴԱՒԻԹ Ե. ԷՆԷԳԷԹՑԻ

2248. ԴԱՒԻԹԻ ՕԾՈՒԻԼԸ

Դաւիթ` միաբանութեան իրեն համամիտ չլինելուն զայրացած, ինքզինքը անոնց հասկցնելու սպառնալիքը ընելէն ետքը ( § 2247), միտքին մէջ հաստատեց որեւէ կերպով կաթողիկոսութեան տիրանալ, օգտուելով Մահմատի իրեն կողմը դարձած ըլլալուն պարագայէն, եւ գործածելով անոր բռնական իշխանութիւնը: Արդէն այս միտքը հաղորդած էր Տփղիս` Գրիգոր Աքքիրմանցիին, որպէսզի պէտք եղածը ընէ, եւ գլխաւորապէս Մահմատը հաճեցնելու նիւթական եւ հնչուն փաստերը հասցնէ: Ինքն ալ Էջմիածինէ Երեւան եկաւ` անձամբ բանակցելու համար Մահմատի հետ, եւ անոր մօտ ամէն տեսակ միջոցներ գործածելու համար: Ինչպէս կը տեսնուի, կանոնական միջոցներուն չէր վստահեր այլեւս, միաբանութիւնը շահիլ չէր յուսար, ոչ ալ վստահ էր որեւէ ընտրական ձեւ մը կատարել, կամ թէ ճնշողական միջոցներով կանոնական պահանջը առերեսս լրացնել. այլ միտքը դրաւ բացարձակապէս Մահմատի բռնական իշխանութեամբը զօրանալ: Մահմատ, որչափ ալ հնչուն փաստերով համոզուելու պատրաստ, տակաւին կ՚ուզէր յարգել միաբաններուն հետ հաստատած համաձայնութիւնը, եւ պահել Դանիէլի հասնելուն համար տրուած 60 օրերու պայմանաժամը, որ կը լրանար մայիսի կէսին, եւ որուն գրեթէ ամիս մը ատեն կար տակաւին: Դաւիթ կը զգայ, որ պէտք է բոլոր ճարտարութիւնը ձեռք առնել, այդ դժուարութեան ալ յաղթելու, եւ Մահմատը հաճեցնելու, որ իրեն զինուորական ոյժ տայ, ինքն ստանձնելով մնացածը լրացնել եւ միաբանութիւնը բռնադատել: Տեղ մը յիշուած կը գտնենք թէ Դաւիթ օգտուեցաւ նաեւ միջնորդութեամբ կնոջ Մահմատի ( ՄՍՐ. 39), որ եթէ ստոյգ է, կը ցուցնէ թէ մինչեւ ուր հասած են Դաւիթի հնարիմացութիւնները: Նոյն օրեր Երեւան հասաւ Աքքիրմանցին ալ` Յովսէփի մարմինը Տփղիսէ բերելով, Ս. Գայիանէի մէջ թաղելու համար ( ՄՍՐ. 39): Ինչ որ տեղի ունեցաւ յետոյ յունիս 8-ին (63. ԿՌՆ. 924): Երկուքին ջանքերը Մահմատի վրայ կը զօրանան, եւ Դաւիթ Երեւանէ Էջմիածին կը դառնայ, Պարսիկ պաշտօնեաներու եւ զօրականներու հետ: Անոնց ձեռքով ամէն տեսակ բռնութիւն կը գործածուի միաբաններու վրայ, մինչեւ որ եպիսկոպոսները գանիւ եւ խոշտանգանօք կը բռնադատուին ( ԴԻՒ. Ե. 117), 60 օրերու պայմանաժամին լրանալէն 20 օր առաջ, ապրիլ 28-ին, Յինանց վեցերորդ կիրակիին, օծման կարգը կատարել Դաւիթի վրայ, որ այս կերպով կաթողիկոս կը հռչակուի եւ Մայրաթոռին կը տիրանայ: Նոյն օր սկիզբ կը տրուի այն տխուր երկպառակութեանց եւ ներհակընդդէմ հակառակութեանց, որոնք այնչափ տարիներ տեւեցին, կիրքերու ասպարէզ բացին, անտեղի գործեր գրգռեցին, եւ կ՚արժէ որ մտադրութեամբ զննենք այդ եղելութեանց իսկութիւնը, եւ Դաւիթ-Դանիէլեան խնդիրը իր իսկութեան մէջ ներկայացնենք:

2249. ԿԱՆՈՆԱԿԱՆ ՏԵՍԱԿԷՏԸ

Ամէն անոնք որոնք այդ մասին կը գրեն, համամիտ են յայտարարել, թէ Դաւիթի կաթողիկոսութիւնը կանոնական ընտրութեամբ չեղաւ: Միաբանութիւնը` Երեւանի մեծամեծներու ձայնակցութեամբ, Դանիէլը ընտրած էր, եւ իր ընտրութեան վրայ կը պնդէր. Կ. Պոլսոյ պատրիարքարանը եւ ժողովը` ընտրութիւն կատարելու առիթ չէր ունեցած, իսկ Տփղիսի մէջ Դաւիթին համար աշխատողներ, միայն փափաքներ յայտնած էին եւ հնարքներ գործածեցին, իսկ կանոնական ընտրութիւն չ՚ըրին, զի ընելու իրաւունք ալ չունէին: Իսկ Ռուսական պաշտօնէութիւնը եւ Երեւանի խանութիւնը Հայոց կաթողիկոսութեան օրինական ընտրողները չէին: Յայտնի է ուրեմն որ Դաւիթի կաթողիկոսութիւնը ապրիլ 28-ի օծումէն առաջ, բնաւ կանոնական պայմաններ չունեցաւ, ըլլայ իսկ առերեսս կամ բռնադատեալ ձեւի տակ: Իսկ օծումը` արտաքին բռնութեան ներքեւ կատարուած գործողութիւն մը եղաւ, ամէն գրողներու համաձայնութեամբ: Ասոնց վկայութեան համեմատ, Դաւիթ օծուած է` զօրացեալ բուռն զօրութեամբ խանին Երեւանայ, եւ ահացուցեալ զմիաբանս այլազգի զինուորօք ( ԴԻՒ. Ա. 93), կամ բռնացեալ ի վերայ միաբանից ձեռնտուութեամբ խանին Երեւանայ ( ՇԱՀ. Ա. 232): Դաւիթ կաթողիկոսացած է գտնելով պատեհ եւ առիթ յաջողակ` յորսալ արծաթով զկամս Պարսիկ իշխանին Երեւանայ ( ՄՍՐ. 39), եւ կաշառուած խանին զօրքերը եւ զօրապետները Էջմիածին բերել տալով ( ԵՐՑ. Ա. 19) մէկ խօսքով, ոչ օրինօք, այլ խանի զօրքերի պաշտպանութեամբ ( ԶԱՄ. Բ. 146), Այս պարագաները հետազօտելով եւ քննելով վերջէն վերջ Աղեքսանդր կայսրն ալ համոզուած է, թէ Դաւիթի կաթողիկոս օծուիլը, իրաւ որ կատարուել է բռնութեամբ եւ Երեւանի խանի ջանքերով ( ԵՐՑ. Ա. 20):

2250. ՉՔՄԵՂԱՆՔԻ ԿԷՏԵՐ

Դաւիթի ըրածին պաշտպան մը գտնուած է վերջին ատեններ ( ԴԻՒ. Ե. ժէ. ), որ ինչ ինչ պարագաներ ալ յառաջ կը բերէ անոր անկանոն օծումը արդարացնելու, գոնէ գեղերեսելու համար: Կ՚ըսուի թէ Էջմիածին Պարսիկ հրոսակներով շրջապատուած էր, թէ վանքը Պարսիկ զինուորներով լեցուն էր, թէ վանքը կողոպտուած եւ քանի մը հազար դահեկանի կարօտը կը քաշէր, որոնք իբր թէ հապճեպ օծումը կ՚արդարացնէին: Սակայն այդ իրողութիւնը 1801 ապրիլին չեն պատկանիր, ինչպէս պատմական պարագաներն ալ ցուցուցին, եւ ինքն Դաւիթ ալ կ՚ըսէ թէ Էջմիածինի վնասները եղած են ի խաղալ զօրացն Պարսից յերկիրս յանցելումն ( ԴԻՒ. Զ. 37), եւ աւելի որոշակի ալ կը գրէ, թէ տեղի ունեցած են ի հերունհետէ ի յարուցման զօրացն Պարսից, եւ յաւէտ եւս ի Շահ կոչեցելոյն յայսկոյս գալոյն ( ԴԻՒ. Զ. 33), որով կ՚ակնարկէ Խաճար Մահմատի արշաւանքներուն, զորս պատմած ենք իր կարգին ( § 2202), եւ որ 15 տարի առաջ տեղի ունեցան: Կը յիշուի եւս Դանիէլի պայմանեալ ատենին չգալը, սակայն պայմանաժամը 60 օր էր, իսկ ապրիլ 10-ի Երեւանի խանին նոր պնդումէն հաշուելով` ամիս մըն էր, հետեւաբար ապրիլ 28-ին պայմանաժամը լրացած չէր, եւ մինչեւ մայիսի կէսը Դանիէլ կրնար հասնիլ Էջմիածին, ինչպէս մայիս 14-ին հասաւ Պայազիտ, ուղեւորութիւնը դանդաղելէն ետքը ( ԴԻՒ. Ա. 91): Ըսուած է եւս թէ Դանիէլէ բնաւ լուր չկար, իսկ այդ ծանօթութիւնը գրողը Հաճի Բաբա է, որուն նամակը գրուած է Կարինէ մայիս 1-ին ( ԴԻՒ. Ե. 99), մինչ օծումը կատարուած էր ապրիլ 28-ին, եւ նամակը հազիւ մայիս 10-ին կրնար Էջմիածին հասնիլ: Կը կրկնուի ու կը կրկնուի Յովսէփի կտակը, որ ստուգութիւն չունի, եւ Գրիգորի մէկ կեղծիքն է, ինչպէս յիշեցինք ( § 2243), եւ նոյնիսկ Աղեքսանդր կայսր ալ վերջէն համոզուեցաւ, որ Յովսէփի կտակը, որի վրայ սկզբում հիմնուած էր Դաւթի ընտրութիւնը, ի մօտոյ քննելով դուրս է գալիս, որ ամենեւին չէ եղած ( ԵՐՑ. Ա. 20): Բայց եթէ եղած ալ ըլլար, կաթողիկոսի մը կտակը, առանց կանոնական ընտրութեան, իրաւունք մը չի ստեղծեր: Իսկ այն թէ միաբանութիւնը տալիս էր իւր հաւանութիւնը Դաւիթին կաթողիկոս ճանաչել ( ԴԻՒ. Է. ժը. ), նախընթացաբար տրուած ընտրողական հաւանութիւն չէ: Դաւիթ ալ իր օծումէն ետքը մայիսի մէջ ամէն կողմ գրած քսանի չափ նամակներուն մէջ ( ԴԻՒ. Զ. 1-36), որ միեւնոյն ոճով գրուած են, միշտ առաջ յիշուած է օծումը, եւ անկէ ետքը` միաբանք սրբոյ գահիս եւ ժողովուրդք երկրիս զբազմակնիք թուղթ գրեցին ( ԴԻՒ. Զ. 2), միշտ նախ ապրիլ 28-ի գործողութիւնը, եւ յետոյ ինքեանք իսկ մահսերիւ ծանուցին` տեղեկութիւնը ( ԴԻՒ. Զ. 10): Յիշատակագիրը յայտնապէս ալ կը գրէ, թէ զկնի օծութեան Դաւիթ պատրաստել կու տայ հանրագրութիւնները, եւ յակամայս կնքեցուցանէ միաբանիցն ( ԴԻՒ. Ա. 95), եւ թէ ետ գրել բռնութեամբ` միաբանից ( ՄՍՐ. 42): Հետեւաբար օրինաւորութեան եւ կանոնականութեան, ոչ իսկ արտաքնայարդար ձեւը պահուած է Դաւիթի կաթողիկոսանալուն գործողութեան մէջ, եւ յայտնի բռնութեան եւ յափշտակութեան հետեւանք եղած է անոր օծումն ու գահակալութիւնը:

2251. ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՏԵՍԱԿԷՏԸ

Այդ ըլլալով հանդերձ պատմական պարագաներէն մեր քաղած եզրակացութիւնը, զարմանք պէտք չէ շարժէ, եթէ մենք անոր անունը օրինաւոր կաթողիկոսաց շարքը կը դասենք, եւ անոր անունով կը մակագրենք այդ տարիներուն պատմութիւնը: Նախապէս դիտել կու տանք, թէ Դաւիթի օծուած օրը ուրիշ օրինաւոր կաթողիկոս չկար, որուն հակառակաթոռ նկատուէր Դաւիթ, զի Դանիէլի ընտրութիւնն ալ լրացած եւ վաւերացում ստացած չէր: Առաջին ընտրութիւնը արդէն ոչնչացած էր Յովսէփի ընտրուելովը եւ ընդունուելովը, իսկ երկրորդը` միաբանութեան կողմէն կատարուած, պէտք էր Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան եւ ժողովուրդին կողմանէ ալ հաստատուէր, եւ այս կամ այն կառավարութեան կողմէն վաւերացուէր, եւ ըստ այնմ ալ ծիսական օծումը կատարուէր: Արդ այս պայմանները կատարուած չէին, որով Դանիէլ լոկ ներկայուած էր, բայց հաստատուած, օծուած եւ աթոռ նստած կաթողիկոս չէր: Այս պարագաներ իրաւունք կու տան ըսելու, թէ դեռ տրամադրելի էր կաթողիկոսական աթոռը: Դաւիթ յաջողեցաւ զայն ձեռք անցնել, եւ անոր վրայ հաստատուիլ իրապէս, թէ ոչ իրաւապէս, եւ իր իրական կաթողիկոսութիւնը, որ արդէն իրեն համակիր հատուած մը ունէր Երեւանի եւ Տփղիսի մէջ, վերջապէս միաբանութենէն ալ գործնականապէս ընդունուեցաւ, եւ հարկ չենք սեպեր այլեւս ընդունուելուն ինչպէսը պրպտել, բաւական սեպելով որ իրապէս ընդունուեցաւ: Կ. Պոլսոյ պատրիարքութիւնն ալ եկաւ յարեցաւ այդ ընդունելութեան, եւ Դաւիթը կաթողիկոս ճանչցաւ, յիշատակութիւնը սկսաւ, եւ Օսմանեան կառավարութենէ հրովարտակն ալ խնդրեց եւ առաւ: Արդէն տեղական Պարսիկ կառավարութիւնը կամակից գտնուած էր, բռնութեան գործակից ըլլալով իսկ: Ըստ այսմ կրնանք ըսել, թէ այս ալ այն բացառիկ պատահարներէն մէկն է, երբ որեւէ գործողութիւն մը, որ ապօրինի կերպով կը սկսի, հանգամանքներուն փոփոխուելովը ու ատեն անցնելով, կը հաստատուի, կ՚ընդունուի, եւ կերպով մը կ՚օրինաւորանայ: Եթէ չուզէինք այդ եզրակացութիւնը ընդունիլ, պարտաւորեալ պիտի ըլլայինք, Հայոց եկեղեցին վեց տարի, անգլխութեան եւ անհաստատութեան վիճակի մէջ դնել, եղած գործողութիւնները անվաւեր եւ ձեռնադրութիւնները ապօրինի ըսել, եւ խառնակ ու շփոթ կացութիւն մը կազմել: Ասով չենք ուզեր ոչ Դաւիթը արդարացնել, եւ ոչ եղելութիւնը կանոնական կարծել տալ, միայն իրական կացութիւն մը կազմել, իրականութիւնը դարմանելով:

2252. ԴԱՒԻԹԻ ԱՆՁԸ

Դաւիթի անձին վրայ խօսելով, պէտք է ճանչնանք անոր վրայ կարողութեան եւ գործունէութեան եւ ճարտարութեան արժանիքը, որ եթէ նենգութեան եւ բռնութեան խառնուրդով խանգարուած չ՚ըլլար, պատմութեան մէջ նշանաւոր անձնաւորութիւն մը պատկերացնելու հանգամանքները վայելած կ՚ըլլար: Մենք զինքը գործի վրայ տեսանք Ղուկասի մահուան վայրկեանէն սկսելով, դժուարին պարագաներէն ճարտարութեամբ դուրս ելլալն ալ յիշեցինք, միայն թէ շարունակ գոյն ու կերպ փոխելով, մէկէն միւս ուղղութիւնը կ՚անցնէր վայրկենական ոստումներով, միակ նպատակ ունենալով իր անձը եւ իր բարձրացումը: Այդ մասին Յովսէփի զգացումներուն հետ համաձայն էր, բայց չունեցաւ Յովսէփի հնարիմաց հանդարտութիւնը, եւ փոխանակ անոր պէս տարիները իրեն նպաստաւոր ընելով բարձրանալու, եւ ամէնուն կամքով յառաջ անցնելու, պարտաւորուեցաւ յափշտակութեան դիմելու, եւ զէնքով ու բռնութեամբ աթոռին տիրանալու, եւ ահով ու սարսափով զայն պահպանելու, մինչեւ որ ստիպուեցաւ ունեցածը ձեռքէ հանել` նոյն կերպով որ ձեռք ձգած էր: Եթէ ձեռք ձգելուն եւ պահելուն կերպերը նկատի չ՚առնենք, բոլորովին ապիկար եւ ապարդիւն չեղան իր օրերը, թէպէտեւ միշտ ստիպեալ էր աւելի դիրքը պահելու պաքարով զբաղիլ, քան թէ պաշտօնը արդիւնաւորել: Մենք անաչառ պատմագիրի պարտքը ճանչնալով, ոչ Դաւիթի ջատագովութիւնը պիտի ընենք, եւ ոչ ալ Դանիէլի. այլ եղելութիւնները իրենց պարզ իսկութեան մէջ ներկայացնելով, անոնց հանգամանքներուն վրայ անկաշկանդ գնահատումնիս պիտի յայտնենք: Ուստի պէտք չէ մեզ ինքնիր հակասող կարծել, եթէ երկուքին մասին ալ լաւն ու վատը, օրինաւորն ու ապօրինին գրենք անխտիր:

2253. ՄԻԱԲԱՆԻՑ ԸՆԹԱՑՔԸ

Մայրաթոռոյ միաբանները, եթէ պահ մը բռնադատեալ օծումը կատարեցին, սակայն սիրտով Դաւիթի կողմը չդարձան, եւ միտքերնուն մէջ հաստատուն մնաց թէ կանուխէն Դաւիթի դէմ զգացած հակակրութիւննին, եւ թէ վերջին անգամ կրած բռնադատութիւններնուն դժկամակութիւնը: Երբոր միաբաններու վրայ կը խօսինք, անոնց մեծամասնութեան եւ աւելի յարգելի անդամներուն կ՚ակնարկենք, որովհետեւ Դաւիթի ալ անհնար չէր ողոքով կամ հրապոյրով, շահելով կամ բռնանալով իրեն կողմնակիցներ ստանալ, թէպէտ եւ այս կերպերով ալ միայն չորս անձ շահած լինելը կը հաւաստուի ( ԴՒԹ. Ե. 218): Նշանակալից է 5 եպիսկոպոսներու եւ 11 վարդապետներու ստորագրութեամբ 1802 մայիս 20-ին գրուած եւ Կ. Պոլսեցւոց ուղղուած նամակը, ուր Դաւիթի մէկ տարուան իշխանութեան նկարագիրը կու տան, եւ իրենց կացութիւնը կը նկարագրեն: Դաւիթի համար կ՚ըսեն, թէ յաւուրս բռնաւորութեան իւրոյ բարբարոսս այս զեղծեաց եւ աղաւաղեաց զամենայն բարեկարգութիւն, եւ թէ ապաւինեալ ի խանն եւ ի հնարս չարութեան` առնէ լրբաբար զոր ինչ եւ առնէ, եւ թէ գիրեր կը պատրաստէ եւ բռնութեամբ կնքել կու տայ, սպառնալով, որ եթէ ոք ի մէնջ, խալիֆայի` ինչպէս Պարսիկներ կ՚անուանեն կաթողիկոսը, հրամանն չ՚առնու յանձն կատարել, զմօրուս նորա գերծեցին, եւ խանին հարիւր թուման տուժեսցի, եւ եթէ ոք փախիցէ, նորա ի սենեակն եղեալ ինչքն` խանին եղիցի բոլորովին ( ԴԻՒ. Ե. 210): Ուրիշ գիր մըն ալ կը գտնենք Աստուածատուր եւ Բարսեղ եպիսկոպոսներէ ստորագրուած, որով կը յայտնեն, թէ Դանիէլի եւ Եփրեմի ոչ թուղթ գրեմք առ նոսա, եւ ի նոցանէ թուղթ ոչ առնումք, եւ հակառակ պարագային հինգ հարիւր թուման տալոց լինիմք խանին ( ԴԻՒ. Ե. 202), եւ այս գիրին ալ բռնի առնուած ըլլալը վկայուած է ( ԴԻՒ. Ե. 216): Վերոյիշեալ նամակագիրները կը յայտնեն եւս, թէ միաբանք ամենեքեան, բաց ի չորից անձանց, իրենց համախոհ են, այլ առ երկիւղի չկարացին դնել կնիք ( ԴԻՒ. Ե. 218): Իրենց համար ալ կ՚ըսեն, թէ Դաւիթ իրեն դէմ եղողներուն մասին բանադրանքի նոր գիր մը առաջարկած է ստորագրել, զոր չեն ուզեր կնքել, բայց եթէ ստիպեալ կնքենք, կ՚ըսեն, ակամայ եւ բռնութեամբ կնքեալ համարեսջիք ( ԴԻՒ. Ե. 216), եւ ըստ կամս սորա կնքեալ թուղթսն մեր` սուտ եւ ունայնութիւն սեպէք ( ԴԻՒ. Ե. 217): Այս բացատրութիւնները շատ իսկ են յայտնել, թէ ինչ էր Դաւիթի գործածած կերպը, ձեռք անցուցած իշխանութիւնը պահել կարենալու համար: Նկատողութեան արժանի է տուգանքները խանին վճարուելու պայմանը, որ ակներեւ կը ցուցնէ, թէ ուր հաստատած էր Դաւիթ իր ոյժը, այսինքն խանին արտաքին բռնութեան վրայ: Այս տեսութիւններով է որ Դաւիթ միաբանութեան կողմէ նկատուած էր: 1. Իբր մերժեալ յազգէն, եւ ընկեցեալ յիշխանութենէն: 2. Իբր սրբապիղծ եւ սիմոնական: 3. Իբր երկիցս նզովեալ ի միաբանութենէ` միջնորդութեամբ սրբոց մասանց: 4. Իբր առ նախանձու եւ վասն ախտին իւրոյ գործող: 5. Իբր բարբարոս մը, որոյ ըրածները պարտ է համարիլ ախտաւոր մտաց աղճատեալ ծնունդ, եւ իբրեւ զբաջաղմունս մոլեգնելոց ( ԴԻՒ. Ե. 217):

2254. ԴԱՒԻԹԻ ՃԱՆՉՑՈՒԻԼԸ

Հակառակ այդ ձգտեալ կացութեան, որ կը տիրէր Դաւիթի եւ միաբանութեան միջեւ, Դաւիթ ամէն միջոց կը գործածէր իր իշխանութիւնը օրինաւոր եւ կանոնաւոր վիճակի մէջ ցուցնել, եւ մտադրութիւն դարձնել աթոռին մատակարարութեան առօրեայ պէտքերուն եւ ընթացիկ գործերուն: Իր առաջին գործերէն մին եղաւ եպիսկոպոս ձեռնադրել Գրիգոր Աքքիրմանցին եւ Կարապետ Նորնախիջեւանցին, Յովսէփի ձեռնասունները, որոնք անոր մահուանէ ետքը Դաւիթը ըրած էին իրենց պաշտպանեալը, որպէսզի փոխադարձաբար նա ալ իրենց պաշտպանն ըլլար: Գրիգորը Ռուսիոյ առաջնորդ նշանակեց, որպէսզի Ռուսական կառավարութեան առջեւ պէտք եղածը գործադրէ իրեն համար, ինչպէս որ արդէն յաջողցուցած էր իր կաթողիկոսանալը: Իսկ Կարապետն ալ Կ. Պոլիս ղրկեց, միաբանութեան բռնի ստորագրել տրուած հանրագրութեամբ, որպէսզի Յովհաննէս պատրիարքի միջնորդութեամբ արքունի հրովարտակը ստացուի: Կ. Պոլսոյ մէջ ալ` Դաւիթ իր յոյսը Ռուսական պաշտպանութեան վրայ դրած էր, որով զօրացած էր իր առաջին քայլին մէջ, եւ ստուգիւ ալ Թամարով դեսպան, Գէորգ Աղայէկեանի միջնորդութեամբ, իր անպայման պաշտպանութիւնը նուիրեց Դաւիթի: Յովհաննէս պատրիարք ալ շուտով այն կողմը հակեցաւ, եւ պատրիարքական ազդեցութեամբ Դաւիթի պաշտպան կանգնեցաւ: Դանիէլեան կողմնակիցներ շատ խիստ են Յովհաննէսը դատապարտելու, իբր անձնասէր եւ շահասէր դիտումներէ մղուելով Դաւիթը պաշտպանող մը: Այլ մեր տեսութեամբ Յովհաննէս աւելի գործնական միտքի հետեւող մը կ՚երեւի, հեռու շատ մը վերացական կամ ձեւակերպական տեսութիւններէ, կատարեալ իրողութեանց համակերպող մը, եւ գաղափարական նպատակներու համար վրդովումներ չյարուցանող մը: Յովհաննէս կը տեսնէր Դաւիթը օծուած, Պարսիկ եւ Ռուս կառավարութիւններէ պաշտպանուած, նոյնիսկ Կ. Պոլսոյ մէջ ալ Ռուսական դեսպանատունէն հովանաւորուած: Կը մտածէր որ Դաւիթ կերպով մըն ալ շարունակութիւն կը սեպուէր արդէն ընդունուած Յովսէփի կաթողիկոսութեան ( § 2232): Յովհաննէս այդ պարագաները նկատի առնելով չէր ուզեր կատարուած իրողութեան դէմ զինուիլ, նորէն վրդովումներ ստեղծել, պարզապէս Դանիէլի պաշտպանութիւն ըրած ըլլալու համար: Դանիէլեանք Յովհաննէսը կը մեղադրեն, թէ ցաւած էր Դանիէլի դէմ, իրեն կաթողիկոս ընտրուած ատենը` Դաւիթը եւ ոչ զինքը պատրիարքութեան անցընելուն համար ( § 2227), եւ թէ այդ բանին վրէժը լուծելու համար Դաւիթի կողմը կը բռնէր ( ԴԻՒ. Ա. 95): Բայց այս կէտեր աւելի յարմարութեամբ մտածուած բաներ են, քան թէ իսկական իրողութիւն, ապա թէ ոչ միեւնոյն գրգռութեամբ պէտք չէր որ Դաւիթի ալ նպաստաւոր ըլլար: Հետեւաբար աւելի պատմական կը կարծենք Յովհաննէսի գործնական ուղղութեան վերագրել Դաւիթի յաջողիլը, որով Օսմանեան կայսրութեան հրովարտակը ստացուեցաւ 1801 յունիս 14-ին ( ԴԻՒ. Ա. 98), Կարապետ Նոր-Նախիջեւանցին ալ զայն առնելով օգոստոս 19-ին Կ. Պոլիսէ մեկնեցաւ, եւ Կարնոյ ճամբով նոյեմբեր 10-ին, կիրակի օր, Էջմիածին հասաւ, կամ թէ նոյեմբեր 9-ին, եթէ պինդ պիտի բռնենք շաբաթ օր հասած ըլլալը ( ԴԻՒ. Ա. 96), Հրեշտակապետաց տօնին օրը:

2255. ԴԱՆԻԷԼ Ի ՊԱՅԱԶԻՏ

Դանիէլը ձգեցինք Եւդոկիոյ մէջ ուր հասաւ 1801 յունուար 22-ին ( § 2246), եւ ուր մնաց 80 օր, իբրեւ հիւր եւ ոչ իբրեւ առաջնորդ, եւ ապրիլ 11-ին մեկնեցաւ իր հետեւորդներով եւ Էջմիածինէ եկող առաջին երկու հրաւիրակներով, որոնք էին Յովհաննէս Պառաւեան եւ Ներսէս Աշտարակեցի վարդապետները ( § 2247): Դանիէլ, ինչպէս ուրիշ անգամներ, այս անգամ ալ հանդարտաքայլ կը յառաջէր: Սեբաստիոյ եւ Ակնայ մէջ քանի մը օրեր կ՚անցընէ, եւ Կապանմատէնի մէջ հիւր կը մնայ Փիլիպպոս Արփիարեան ամիրային, եւ հոն եղած ատեն կը ստանայ, Էջմիածինի երկրորդ հրաւիրակներուն` Ղազար եւ Ստեփանոս եպիսկոպոսներու Կարինէ գրած նամակը, որով կ՚առաջարկէին ուղեւորութիւնը փութացնել ( ՄՍՐ. 39): Իսկոյն յաջորդ առտուն ճամբայ կ՚ելլէ ( ՄՍՐ. 40), եւ մայիս 7-ին Շոռվերէն անունով գիւղը հասած օրը, լուր կ՚առնէ ապրիլ 28-ին կատարուած օծումին մասին ( § 2248), եւ ամէնքն ալ ապշած կը մնան, զի եւ ոչ իսկ ընդ միտ բերէին, թէ հնարեսցի Դաւիթ զայնպիսի ինչ խարդախել ( ՄՍՐ. 40): Դանիէլի Մշոյ Ս. Կարապետ հանդիպած ըլլալն ալ գիտենք ( ՄՍՐ. 40), բայց միջոցը ճշդելու համար հարկ կ՚ըլլար նշանաւոր դարձած Շոռվերէն գիւղի դիրքը գիտնալ: Այստեղի հասնելէն եօթն օր ետքը, մայիս 14-ին, Հոգեգալստեան երեքշաբթիին, կը հասնին Պայազիտ, հրաժարելով Կարինի վրայէն Էջմիածին երթալէ, քանի որ Դաւիթ օծուած եւ աթոռին տիրապետած էր: Շատ անգամ ամենամանր պարագաներ են` որ ամենածանր հետեւանքներ կ՚ունենան. այդ պարագային այլ հնար չէ չդիտել, որ եթէ Դանիէլ ապրիլ 11-ին Եւդոկիայէ մեկնելէ ետքը` այստեղ այնտեղ չմնար, եւ ուղղակի Կարնոյ վրայէն Էջմիածին երթար, ապրիլ 28-էն առաջ հասած կ՚ըլլար, եւ ազգն ու եկեղեցին ահեղ տագնապի մը չէր ենթարկուէր: Երանի է~ր եթէ Դանիէլ, իր ուղիղ եւ ընտիր բնաւորութեան չափ` գործունեայ եւ ճարտար ձիրքերով ալ փայլէր, կամ եթէ Դաւիթ իր գործունեայ եւ ճարտար ձիրքերուն չափ` ուղիղ եւ ընտիր ընթացք ալ ունենար: Բայց մենք եղելութեանց հետեւինք:

 

2256. ՄԱՆՈՒԷԼ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿ

Վերջին ղրկուած հրաւիրակներ, Ղազար եւ Ստեփան եպիսկոպոսներ ալ Կարինէ Պայազիտ եկան, եւ Դանիէլի առաջին հրաւիրակներուն հետ միանալով սկսան ինչ ընելիքնին կարգադրել: Որովհետեւ Էջմիածին տիրապետեալ էր եւ միաբանութիւնը բռնադատեալ, եւ Պարսիկ եւ Ռուս կառավարութիւններն ալ շահուած էին, Դանիէլեանք աչուընին Տաճկահայոց վրայ դարձուցին, եւ այնտեղէ օգնութիւն եւ պաշտպանութիւն գտնելու համար ճամբայ հանեցին Դանիէլի հետեւորդներէն Մանուէլ Կիւմիւշխանացի վարդապետը, որ Ալթուեան (63 ԿՌՆ. 741), եւ Շահինեան ( ՄՍՐ. 41) կը կոչուի անխտիր, որ եւ մայիս 21-ին ճամբայ ելլալով յունիս 2-ին Կ. Պոլիս կը մտնէր հապճեպ ուղեւորութեամբ ( ՄՍՐ. 43): Բայց չէր կրնար արգելել դեսպանատունին եւ պատրիարքարանին համամտութեամբ կազմուած` Դաւիթի նպաստաւոր հոսանքը, որ արդէն յառաջացած էր, եւ քիչ օր ետքը յունիս 14-ին կը ստացուէր Դաւիթի կաթողիկոսութիւնը հաստատող արքունի հրովարտակը ( § 2254): Այսու հանդերձ Մանուէլ անգործ չէր, եղածը եղծանելու եւ Դանիէլի նպաստաւոր շարժում մը գոյացնելու ջանքեր չխնայեց. բայց չկրցաւ Յովհաննէս պատրիարքի վրայ ազդել, որ Դաւիթի կաթողիկոսութիւնը լրացեալ գործ կը նկատէր, եւ Դանիէլի համար ըլլալիք ճիգերը իբրեւ նոր շփոթութեանց աղբիւր կը դատէր: Յովհաննէս միանգամընդմիշտ խնդիրը փակելու համար, յուլիս 20-ին, շաբաթ օր, աւագանւոյ ժողով մըն ալ գումարեց, եւ Դաւիթի նպաստաւոր որոշում մը կայացուց, եւ միաբանութենէ կորզուած հանրագիրին ներքեւ իրն ու մեծամեծներուն կնիքներն ալ աւելցուց եւ Կարապետ Նորնախիջեւանցիին յանձնեց, որ հրովարտակին հետ Դաւիթին հասցնէ ( ՄՍՐ. 44), եւ օգոստոս 19-ին զայն ճամբայ հանեց ( § 2254): Ժողովէն օր մը առաջ, յուլիս 19-ին, Կ. Պոլիս կը հասնէր Ներսէս Աշտարակեցի վարդապետն ալ ( ՄՍՐ. 44), Մանուէլի հետ աշխատակցելու. բայց շատ ուշ էր եւ Յովհաննէսի կարգադրութիւնները եղած էին: Ներսէս յոյսը չկտրեց, այլ աւելի մեծ ճիգերու ձեռնարկեց, որպէսզի ընդգրկած դատը պաշտպանէ, եւ Դանիէլի կաթողիկոսութիւնը հաստատել տայ, Դաւիթը տապալելով, եթէ հարկ ըլլար` Յովհաննէսն ալ միասին, եթէ մինչեւ վերջ իրենց կողմը դառնալու ընդդիմանար:

2257. ՆԵՐՍԷՍ ԱՇՏԱՐԱԿԵՑԻ

Առաջին անգամը չէ որ Ներսէս Աշտարակեցի վարդապետի անունը կու տանք, եւ զոր օր մը կաթողիկոսական աթոռին վրայ պիտի տեսնանք, ուստի պէտք է կանխենք, եւ անոր նախընթացին վրայ կարեւոր բացատրութիւնները տանք: Ներսէս Արագածոտն գաւառի Աշտարակ գիւղէն էր, 1770-ին ծնած, որով 1801-ին իր ընդարձակ գործունէութեան սկիզբը, 31 տարեկան ժիրաժիր գործիչ մըն էր: Հայրը գիւղին տէր Յարութիւն քահանան էր, ջրաղացպանութենէ եկած, աղքատ դասակարգի կը պատկանէր, եւ իր երկու զաւակները, Ներսէսն ու Կարապետը, Գալուստ եպիսկոպոսին մօտ դրած էր իբրեւ սպասաւոր կամ փոքրաւոր ( ԴԻՒ. Է. լզ ): Ներսէսի ընտանիքը Շահազիզեան մականունով ճանչցուած է, Կամսարական տոհմին ազգական վկայուած է, թէպէտ ըսողներ կան, թէ վկայականը սպառնալիքով էր վերցրել Դանիէլի ձեռքէն ( ԴԻՒ. Է. լե ): Բայց եթէ այդպէս ալ ըլլար, Ներսէս աւելի յանցաւոր չէր ըլլար իր անտոհմիկ ազնուականութեան փափաքովը, քան Յովսէփ իր Արղութեան Երկայնաբազուկ իշխանազուն եւ լուսաւորչեան եւ արքայական ցեղէ ըլլալուն կեղակարծ ազգաբանութեամբը: Ներսէս իր պատանեկութենէն Էջմիածինի դպրանոցին կ՚աշակերտի, եւ իբր ուշիմ աշակերտ Դանիէլ Սուրմառեցի եպիսկոպոսին պաշտպանութեանը կ՚արժանանայ, անոր ձեռքին ներքեւ կը կազմուի եւ կը յառաջէ, եւ Դանիէլի հետ միասին Էջմիածինէ Զմիւռնիա կու գայ անոր նուիրակ ղրկուած ատեն 1796-ին ( § 2182): Ներսէս մեղադրուած է, թէ իրեն պատճառով խեղճ ծերունի Դանիէլը Զմիւռնիայից անպատուած արտաքսուեց ( ԴԻՒ. Է. լզ ), սակայն չենք գիտեր թէ ինչ պարագայով, եւ ինչչափ ստուգութեամբ, քանի որ պատմուած յիշատակ չենք գտներ: Անկէ սկսելով Ներսէս անբաժան մնաց Դանիէլէ` Ռումելիի նուիրակութեան եւ անկէ Կ. Պոլիս դառնալուն ատեն, մինչեւ որ Դանիէլ` 1799-ին պատրիարք ընտրուելէն ետքը, զայն Էջմիածին ճամբայ հանեց, իր հաշիւներն ու ընծաները Ղուկաս կաթողիկոսին տանելու համար ( § 2223): Անկէ ետքը Ներսէս Էջմիածին մնաց` իբր երկու տարի, եւ Ղուկասի մահուանէ ետքը տեղի ունեցած անցուդարձերուն մասնակցեցաւ, մինչեւ որ 1801 մարտ 20-ին Յովհաննէս Պառաւեան վարդապետի հետ հրաւիրակ նշանակուեցաւ Դանիէլը Եւդոկիայէ Էջմիածին բերելու ( § 2244): Արդէն յիշեցինք, միասին Եւդոկիայէ Պայազիտ ուղեւորիլը ( § 2255), եւ Պայազիտէ Կ. Պոլիս պատգամաւոր գալը ( § 2256): Ներսէս հասակով եւ կազմով մանր մարդ մը եղած է, թէպէտ հոգւով եւ սիրտով` մեծամեծներու ձգտող, եւ գործունէութեամբ` չափ ու կոպար չգիտցող: Բայց մենք չենք ուզեր այդ մասին գնահատումը կանխել, թողլով որ եղելութիւնք անոր նկարագիրը լուսաբանեն:

2258. ԵՓՐԵՄ ՁՈՐԱԳԵՂՑԻ

Երբոր Ներսէս Կ. Պոլսոյ մէջ բուռն ճիգեր կ՚ընէր Դանիէլի կաթողիկոսութիւնը իրականացնելու, գործը աւելի յաջող պաշտպան մը կ՚ունենար` Ռուսիոյ առաջնորդ Եփրեմ եպիսկոպոսով: Եփրեմ ալ ժամանակին նշանաւոր դէմքերէն է, եւ նա ալ կաթողիկոսական աթոռ բարձրացած է: Հայրը բնիկ էր Զմիւռնիոյ նահանգին Մաղնիսա քաղաքէն, բայց ինքն ծնած էր 1748-ին Ձորագեղ գիւղը, որ այժմ Երեւան քաղաքի թաղ կը սեպուի. եւ Մայրաթոռոյ աշակերտութեան մէջ յառաջացած էր հետզհետէ մինչեւ եպիսկոպոսական աստիճան: Իր կեանքին գլխաւոր գործն եղած էր Հնդկաստանի արդիւնաշատ նուիրակութիւնը, ուսկից ետքը 1799-ին փոխադրուած էր Ռուսաստանի նուիրակութեան Ղուկասի կարգադրութեամբ ( § 2218), որ կ՚ուզէր կերպով մը Արղութեանի բացարձակ տիրապետութեան չափ մը դնել: Միաբանութիւնը առաջին անգամէն զինքն կաթողիկոսութեան արժանի դատած էր ( § 2219), թէպէտ Եփրեմ հեռու էր այդ ձգտումներէն, եւ յօժարակամ մէջտեղ դրած էր Յովսէփի ընտրելիութիւնը ( § 2221), եւ ըստ ամենայնի ձեռնտու եղած էր անոր յաջողելուն: Միայն թէ հաշտ չէր Դաւիթի անձին հետ, որուն ներքին բնաւորութիւնն ու կիրքերը իրեն լաւ ծանօթ էին, եւ չկրցաւ հպատակիլ անոր կաթողիկոսութեան, բայց ոչ երբեք իր անձին վրայ դարձնելու դիտմամբ, այլ միաբանութեան ընտրած եւ իր ընտիր բնաւորութեամբը նախադասուած Դանիէլը պաշտպանելով: Դաւիթ գիտնալով Եփրեմի հեղինակութիւնը, կը ջանար զայն իր կողմն ունենալ կէս ողոքական եւ կէս սպառնական խօսքերով: Սիրելիդ, կը գրէր, խղճմտանաւոր ես եւ բարեհամբոյր, եւ եթէ շփոթութիւն ինչ եւ բան աւերողական ի քէն ելանիցէ, եւ օգուտ մի ոչ երեւեցի, յետոյ ստրջանալոյ ես եւ խղճահարելոյ ( ԴԻՒ. Զ. 8), եւ կը խրատէր, զի զգլուխ քո մի տայցես ի զբաղմունս եւ ի վէճ, այլ հանդարտութեամբ վարեսցես զյանձնեալդ քեզ գործ ( ԴԻՒ. Զ. 9): Դաւիթ երկրորդական նպատակ ալ ունէր Եփրեմը շահելու, վասնզի Յովսէփ Ռուսաստանէ չմեկնած Ռուսիոյ առաջնորդութիւնը փոխանցած էր Եփրեմի ( § 2234), իսկ Դաւիթ Գրիգորի հետ պայմանաւորեալ էր Ռուսաստանի առաջնորդութիւնը անոր տալ իբրեւ վարձ ( § 2254): Դաւիթ կ՚ուզէր Եփրեմը հեռացնել, բայց Ռուսիոյ Հայերը երբեք յանձն չ՚առին Գրիգորը առաջնորդ ունենալ, սպառնալով իսկ որ եթէ գայ` խայտառակի. եւ Եփրեմի յայտարարելով, թէ դու ես մեր առաջնորդ ( ԴԻՒ. Ա. 93): Այս պատճառով Գրիգոր չկրցաւ Ռուսաստանի մէջ առաջնորդ ճանչցուիլ, այլ քաշուեցաւ Քիշնեւ քաղաքը, իբր յաջորդ ընդհանուր պատրիարքի, կամ մեր բացատրութեամբ` իբր կաթողիկոսական փոխանորդ, եւ ոչինչ կարաց առնել, եւ կաց մնաց անդէն մինչեւ ցմահ իւր ( ԴԻՒ. Ա. 93):

2259. ԵՓՐԵՄ Ի ՄՈՍԿՈՒԱ

Եփրեմ չգոհացաւ վերապահեալ դիմադրութեամբ, այլ յայտնապէս գործի ձեռնարկեց, Դաւիթը տկարացնելով ճիշդ այն կողմէն, որով նա զօրացեր էր, այսինքն Ռուսական պաշտպանութիւնը իրմէ խլելով: Լռելեայն պատրաստեց իր հակառակութեան ծրագիրը, յարաբերութիւն պահեց Դաւիթի հակառակորդ միաբանութեան գլխաւորներուն հետ, եւ անոնց թելադրեց պէտք եղած ամբաստանութիւնները հաւաքել Դաւիթի վրայ, եւ հաղորդել ուղղակի Լազարեանց տոհմին պետ Յովհաննէսի, եւ անոր Մինաս եւ Յովսէփ եղբայրներուն, որոնցմէ առաջինը Պետրբուրգ կը մնար, իսկ վերջինները Մոսկուա էին: Դանիէլի ալ ազդարարեց որ ուղղակի Ռուսաց կայսեր դիմում ընէ իր իրաւունքը հաստատելով, եւ իրեն դէմ եղած անիրաւութիւնները բացատրելով: Ինքն ալ Ռուսաստանի Հայերէն, եւ գլխաւորաբար Աստրախանի ու Մոզդոկի ու Ղըզլարի հասարակութիւններէն իրեն նպաստաւոր, եւ Դաւիթէն նշանակուած Գրիգորի դէմ գրութիւններ պատրաստել տուաւ ( ՄՍՐ. 45), միանգամայն Կ. Պոլսոյ հետ ալ յարաբերութիւնները մշակեց, եւ պէտք եղած հրահանգները Ներսէսի կու տար, եւ անկէ լուրեր կը ստանար ( ՄՍՐ. 46): Եփրեմի նպատակն էր Աղեքսանդր Ա. օծման հանդէսին ներկայ գտնուիլ. որ պիտի կատարուէր Մոսկուայի մէջ 1801 սեպտեմբեր 15-ին կիրակի օր, հետեւաբար նախապէս պէտք էր Մոզդոկի Ռուս կուսակալին հաւանութիւնն ու պաշտպանութիւնն ապահովել եւ այս նպատակով ի վեր հանել Դաւիթի գործերուն ապօրինութիւնները, Յովսէփի կտակին ստութիւնը, Դաւիթի զինուորներու բռնութեամբ օծուիլը, Էջմիածինի մէջ տիրող հակառակութիւնը, Կոստանդնուպոլսոյ մէջ տեղի ունեցած անհամաձայնութիւնները, Դաւիթի կեղծուպատիր ուղղութիւնը, Ռուսական շահերէն աւելի Երեւանի խանութեան նպաստաւոր ըլլալը, եւ այլ սոյնպիսի պարագաները, որոնք ազդեցին կուսակալին վրայ, եւ Եփրեմը արտօնեց Մոսկուա երթալ, յանդիման լինել կայսեր, մերկել զպատրուակ ճշմարտութեանն, եւ խնդրել իրաւունս: Այդ առաջին յաջողութեամբ ոգեւորուած, Եփրեմ մայիս 15-ին Կ. Պոլսեցոց կը գրէր, թէ Մոսկուա կ՚երթայ ծանուցանել զխորամանկութիւն Գրիգորի եւ Դաւթի, եւ կը սրտապնդէր ըսելով, դուք ի վերայ ճշմարտութեան հաստատուն կացէք ( ՄՍՐ. 47): Դաւիթի անկարգ ընթացքն ալ կրնար իբր փաստ ծառայել, եւ անշուշտ Եփրեմ զանց չ՚ըրաւ Մայրաթոռին մէջ Դաւիթի գործած բռնութիւններն ալ պատմել կուսակալին եւ որոնց որ պէտք էր, իբր իր ստանձնած դատին նպաստաւոր փաստեր:

2260. ԱՂԵՔՍԱՆԴՐ ԿԱՅՍՐ

Եփրեմ իր նախապատրաստութիւնները աւարտելով 1801 օգոստոս 27-ին, երեքշաբթի օր կը հասնէր Մոսկուա, կը հասնէին նաեւ իր թելադրած գրութիւնները ( § 2259), եւ Յովհաննէս Լազարեան կատարեալ եռանդով գործին կը փարէր: Ինքն Պետրբուրգի կառավարական շրջանակներու մէջ կը յաջողէր Եփրեմի առաջնորդութիւնը հաստատել տալ, եւ Դաւիթի մասին աննպաստ հոսանքը կը զօրացնէր, եղբայրներուն ալ կը յանձնարարէր, որ Մոսկուայի մէջ պէտք եղածը հոգան: Եփրեմ պաշտօնապէս ներկայ կը գտնուէր սեպտեմբեր 15-ին, Աղեքսանդրի թագադրութեան եւ օծման հանդէսին, կայսեր մօտ ալ ընդունելութիւն գտնելով, Դանիէլի իրաւունքը կը բացատրէր, եւ կայսրը կը համոզէր, ոչ միայն իր առաջնորդութիւնը կը ճանչցուէր եւ պանակէ կրելու արտօնութեամբ կը պատուուէր ( ՄՍՐ. 47), այլեւ կը ստանար սեպտեմբեր 26-ի նշանաւոր հրովարտակը, որով կայսրը դեսպան Թամարովի կը հրամայէ ուղղութիւնը փոխել, Դաւիթի համար եղած պաշտպանութիւնը դադարեցնել, Դանիէլի կաթողիկոսութիւնը պաշտպանել, յիշելով Դաւիթի նենգութիւնները, ինչպէս իր կարգին ակնարկեցինք ( § 2250). եւ կ՚եզրակացնէր այդ գերազանց յայտարարութեամբ, թէ որչափ ալ առաջ գործուածը Ռուսիոյ համար օգտաւէտ համարուի, ես աւելի լաւ եմ համարում այս անգամ զոհել այդ օգուտները, քան թէ արհամարհել ժողովրդական ձայնը, եւ ձեռնամուխ լինել ճշմարտութիւնը խանգարելու ( ԵՐՑ. Ա. 20): Միեւնոյն հրահանգը կը տրուէր Կովկասի կողմանց կուսակալ Կնօրինի, եւ յանկարծ հիմնապէս կը փոխուէր Ռուս պաշտօնէութեան ուղղութիւնը: Ասոր պատճառն էր Աղեքսանդր Ա. կայսեր լուսամիտ որոշումը, որ չէր վարաներ թիւրիմացութեամբ սկսած գործէն ետ դառնալ, երբոր ճշմարտութեան կը համոզուէր ( ԵՐՑ. Ա. 21): Իրաւամբ արտաքիններն ալ` իշխան արդար եւ խաղաղասէր հռչակած են Աղեքսանդրը ( ՇՕԲ. 413): Անոնք որ Դաւիթին ընթացքը չքմեղելու նպատակն ունին, Դանիէլը եւ Դանիէլեանները կը մեղադրեն, եւ Ռուսական պաշտպանութեան գիրկը ինկան, եւ Ռուսներուն դէպ Հայաստան ընդարձակուելուն օգնեցին, իբր թէ ուզէին ըսել, թէ ապօրինի եւ անտեղի միջոցով զօրացան: Սակայն կը մոռնան յիշել, որ Յովսէփի յաջողութեան հիմը Ռուսական պաշտպանութիւնն էր եղած, եւ իրենք Յովսէփը օգտակար ուղղութեան հեղինակ կ՚ընդունին: Չեն յիշեր թէ Դաւիթ ինքզինքը իբրեւ Յովսէփի ուղղութեան շարունակող ներկայեց Աքքիրմանցիին հովանաւորութեամբ, եւ անով իր նախաքայլը առաւ: Միտքերնին չեն ութեամբ միտում եւ ընթացք փոխեց, եւ Դանիէլի պաշտպանութեան միտեալ էր, եւ միայն Ռուսական հրահանգներու ազդեցութեամբ միտում եւ ընթացք փոխեց, եւ Դաւիթի պաշտպան դարձաւ: Հետեւաբար երկուքին ընթացքները իրարու մօտեցնելով, կամ պէտք է Դանիէլը արդարացնեն Դաւիթի հետ բաղդատութեամբ, իսկ եթէ Դանիէլը պիտի մեղադրեն, անկէ առաջ Դաւիթը մեղադրանքի պէտք է ենթարկեն, եւ դատապարտեն անոր կաթողիկոսանալը: Մեր տեսութեամբ Ռուսական պաշտպանութիւնը` Պարսկական տիրապետութեան նախադասողները կ՚արդարանան, եւ առանց երկար պատճառաբանութեանց մտնելու, բաւական սեպուի 1801-ի Պարսկական Հայաստանը բաղդատել այժմեան Ռուսական Հայաստանի հետ: Եթէ չի մեղադրուիր Դաւիթը Ռուսական հովանաւորութեան դիմելուն համար, պէտք չէ որ Դանիէլը կամ Եփրեմը մեղադրուին, նոյն զէնքը Դաւիթի դէմ գործածած ըլլալնուն համար:

2261. Կ. ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ

Երբոր Եփրեմ Ռուսիոյ կողմէն Դանիէլի պաշտպանութիւնը կը պատրաստէր, Դաւիթ այն կողմէ հովանաւորութիւն գտնելէ յոյսը կտրելով, Տաճկական պաշտպանութեան ետեւէ կ՚ըլլար, ուր Յովհաննէս պատրիարքի ազդեցութիւնը` եւ իր անուան ստացուած հրովարտակը իրեն համար կարեւոր ոյժեր էին: Միւս կողմանէ Դաւիթ, որ պաշտօնեաներ շահելով ձեռքի տակէն գործեր կատարել տալու հմուտ էր, կ՚աշխատէր Պայազիտի Օսմանեան կուսակալին օգնութեամբ Դանիէլը թակարդի մէջ թողուլ, եւ իրեն ձեռքին ներքեւ առնելով, զայն ընկճել, եւ այսպէս հակառակութիւնը հիմէն քանդել եւ կործանել: Բայց գաղտնիքը երեւան ելաւ, եւ Դանիէլ զայն հաղորդեց Կ. Պոլիս, ուր էին իր հաւատարիմները` Մանուէլ եւ Ներսէս, անոնք ալ շարժումի դրին իրենց համախոհ ամիրաները, որոնք բարեկամ աւագանիին միջնորդութեամբ յաջողեցան հարկ եղած հրահանգները ղրկել տալ Պայազիտ եւ Կարին, որով Դանիէլ կրցաւ Պայազիտէ Կարին փոխադրուիլ, եւ տեղական կուսակալին հովանաւորութեան ներքեւ, Դաւիթի լարած ծուղակին մէջ իյնալէ զերծ մնալ: Կ. Պոլիս ղրկուած հրամանին թուական կը ցուցուի 1801 հոկտեմբեր 8 ( ՄՍՐ. 48), Մոսկուայի մէջ ստացուած յաջողութենէն քիչ օր ետքը: Թերեւս Ռուսիոյ արձագանգը, եւ եթէ եղելութիւնը ոչ` գոնէ Եփրեմի վստահացուցիչ նամակին ազդեցութիւնը ( § 2259), ոգեւորած էր Կ. Պոլսոյ Դանիէլեանները, ժրութեամբ գործել իրենց նպատակին իրականացման համար: Առաջին յաջող քայլին վրայ քիչ օր անցաւ, եւ նոր ոյժ ստացան Դանիէլեանք Եփրեմ եպիսկոպոսի սեպտեմբեր 19-ին գրած նամակով ( ՊԷՐ. 30-37), որ Կ. Պոլիս հասաւ հոկտեմբեր 17-ին ( ՄՍՐ. 48): Նամակը ուղղուած էր Յովհաննէս պատրիարքին, եւ մայրաքաղաքի իշխանաց, ամիրայից, էսնաֆից, արհեստաւորաց եւ ժողովրդականաց ( ՊԷՐ. 30), որով պատրիարքին հնար չեղաւ զայն ծածուկ պահել: Եփրեմ ազդու եւ սթափեցուցիչ ոճով գրած էր իր նամակը. Զարթիր Պոլիսդ ( ՊԷՐ. 30), եւ Աւաղ կարդամ ի վերայ անձինդ, ով Պոլիսդ լռեալ ( ՊԷՐ. 31) բարառնութիւններով, եւ մեղադրելով որ Դանիէլը` Կ. Պոլսեցւոց ընտրեալը լինելով` չեն պաշտպաներ: Յովսէփի կաթողիկոսութիւնը յիշելով, կը դիտէր, որ նա ոչ միայն հնագոյն արքեպիսկոպոս էր, եւ հաճոյ գտեալ էր յաչս կայսերն Պօղոսի, այլեւ չյանդգնեցաւ կաթողիկոս հռչակուիլ եւ Էջմիածին երթալ, այլ սպասէր շնորհաւորութեան Կ. Պոլսոյ ( ՊԷՐ. 31): Ասոր կը հակադրէ Դաւիթը, որ առանց Կ. Պոլսոյ հաւանութեան, արտաքին բռնութեամբ օծուեցաւ, զի ի ժամ չօծմանն, Մահմետական զինուորք սրովք եւ մրճովք եւ այլ ահացուցչական գործեօք սաստ տալով` օծել տուած են ( ՊԷՐ. 35): Կը յիշէ Դաւիթի բռնութիւններն ալ, զոր չկաթողիկոս կ՚անուանէ, կը հրաւիրէ որ Դանիէլը հռչակեն, եւ կը թելադրէ որ գրեն Դանիէլին գնալ յԻւչքիլիսա, որ է Բագրեւանդայ Ս. Յովհաննէսը, եւ անդ օծանիլ ( ՊԷՐ. 35): Կը պատմէ Ռուսաց կայսեր խոստացած պաշտպանութիւնը, Թամարովի տրուած հրահանգը, եւ ժողովրդական ընտրութեան պաշտօնագիրին սպասուիլը, որ Ռուսաց կայսրէն Դանիէլի անունին հրովարտակ ալ տրուի ( ՊԷՐ. 36):

2262. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊԱՇՏՕՆԱՆԿ

Եփրեմի նամակին ազդած ոգեւորութենէն անմասն մնաց միայն Յովհաննէս պատրիարք, զոր աւելի քան Դաւիթի անձին, ընդհանուր հանդարտութեան կուսակից, եւ աւելորդ խնդիրներէ զգուշացող ցուցուցինք ( § 2256): Սակայն գոնէ այս անգամ պէտք էր որ իր նախընտրած ուղղութենէն հեռանար, քանի որ մեծ էր Դանիէլեան համակրութիւնը, եւ զօրաւոր զայն կաթողիկոսացնելու եռանդը, ու աւելի զօրաւոր Դաւիթի բռնական ընթացքին զզուանքը: Չենք գիտեր, թէ Դանիէլեան ոգեւորութեան վրայ մեծ վստահութիւն չունենալէն, թէ ոչ մտած ճամբէն ետ չդառնալու յամառութենէն, կամ թէ որեւէ անձնական օգուտի մը տեսակէտէն, Յովհաննէս ձեռքէ չթողուց Դաւիթի պաշտպանութիւնը, եւ իրեն վրայ հրաւիրեց հանրային հակակրութիւնը, որով Դանիէլեանք Դաւիթէ առաջ Յովհաննէսը տապալել որոշեցին: Այդպիսի առիթներու մէջ Տաճկական պաշտօնեաները համոզելու համար գործածուած ազդեցիկ եւ հնչուն փաստերը ձեռք առնուեցան, եւ քիչ օրուան մէջ Յովհաննէսի պաշտօնանկութեան արքունի հրամանը ստացուեցաւ, եւ նամակին հասնելէն 12 օր ետքը, 1801 հոկտեմբեր 29-ին ( ՊԷՐ. 39), Յովհաննէս Կ. Պոլիսէ կը հեռացուէր, Եւդոկիա քաղաք աքսոր տարուելու համար, ուր ղրկուած էր Դանիէլ 1800-ին առաջնորդի անունով, եւ հոն հասած էր 1801 յունուար 22-ին ( § 2246): Հաւանական է որ առաջնորդի անունը տրուած ըլլայ Յովհաննէսի ալ, թէպէտ յայտնի գրուած չէ: Յաջորդի ընտրութեան համար պայման էր այնպիսի մէկը ընտրել, որ զկողմն Դանիէլի զօրացուսցէ, եւ զհակառակորդս նորին նուաճեսցէ, եւ Դանիէլեանց ռահվիրաները Մանուէլ եւ Ներսէս վարդապետներ, իրենց ձայնակից ունենալով Կաղզուանցի Պօղոս քահանան, Զաքարիա պատրիարքի եղբօրորդին ( ՊԷՐ. 37), թելադրեցին Գրիգոր Խամսեցի եպիսկոպոսի անունը, որ իրենց ուսուցիչն էր եղած ( ԶԱՄ. Բ. 147), Եւդոկիոյ մէջ իրենց օգնած էր Դանիէլը ճամբայ հանած ատեննին ( § 2247), եւ որ տակաւին Եւդոկիոյ շրջանակին նուիրակութիւնը կը կատարէր ( ՊԷՐ. 37): Մինչեւ Խամսեցիին հասնիլը տեղապահ նշանակուեցաւ Յակոբ եպիսկոպոս ( ՄՍՐ. 48), Երուսաղէմի փոխանորդ ( ԴԻՒ. Ա. 112), եւ Աստուածատուր Կ. Պոլսեցի վարդապետ հրաւիրակ յղուեցաւ, թերեւս Յովհաննէսի ալ ընկերացաւ Եւդոկիա, եւ այնտեղէն Խամսեցիին առաջնորդեց, որ մայրաքաղաք հասնելով, կառավարութեան ներկայացաւ 1801 դեկտեմբեր 19-ին, հինգշաբթի օր, եւ զխիլայն յարքունուստ զգեցաւ ( ԴԻՒ. Ա. 115), եւ պաշտօնին ձեռնարկեց, իրեն փոխանորդ առնելով Ռումէլիի նուիրակ Գէորգ եպիսկոպոսը

2263. ԴԱՒԻԹ ԵՒ ՄԻԱԲԱՆՔ

Դանիէլեանց այդ առաջին յաղթանակը, ճամբայ կը բանար իրենց բուն նպատակին հասնելու, որ էր Դաւիթը տապալել, եւ Դանիէլը կաթողիկոսական աթոռ բարձրացնել, սակայն քաղաքական հանգամանքեր` դժուարութիւններ կը ներկայացնէին: Դանիէլեանց մեծ զօրութիւնը Տաճկական շրջանակին մէջն էր, հովանաւորութիւնն ալ Ռուսական շրջանակէն կու գար, մինչ Մայրաթոռն եւ անոր տիրապետող Դաւիթը` Պարսկական շրջանակին մէջ էին, որով դժուար կ՚ըլլար ուղղակի Դաւիթին վրայ ազդեցութիւն կամ ստիպում կամ բռնադատութիւն բանեցնել: Միւս կողմէն Երեւանի Մահմատ խանը ամուր կը պահէր այն պաշտպանութիւնը, զոր վերջին անգամ սկսած էր ցուցնել Դաւիթին ( § 2245), մանաւանդ որ Դաւիթ գիտէր պատշաճ կերպերով, եւ պահանջուած միջոցներով մշակել Մահմատի բարեացակամութիւնը, եւ ոչ մի զոհողութեան առջեւ կանգ չ՚առնել` Մահմատը իրեն պաշտպան պահելու համար, որ իր միակ հովանաւորը կը մնար: Բայց Ռուսական քաղաքականութեան փոփոխութիւնը, եւ Յովհաննէսի պատրիարքութենէ հանուիլը` Էջմիածինի մէջ իրենց արձագանգը ունեցած էին. միաբանութիւնը համարձակութիւն առած էր Դաւիթի հանդէպ դիմադրութիւն եւ դժգոհութիւն յայտնելու: Իսկ Դաւիթ պէտք տեսած էր միաբանութիւնը բռնութեամբ ճնշել, եւ միւս կողմէն իր նիւթական ստացութեանց ապահովութիւնը հոգալ: Այդ միջոցին 1801 տարւոյ վերջին օրերը, սնտուկ մը Էջմիածինէ Երեւան կը ղրկուէր Դաւիթի կողմէն, իր թանկագին իրերը պարունակող, որպէսզի վտանգէ ազատ մնան իր եղբօր եւ անոր աներոջ պահպանութեան ներքեւ: Միաբանութեան մէջ զրոյց կը շրջի, թէ Գեղարդն ալ փոխադրուած է այն սնտուկով: Երեւանի մէջ սնտուկը կը գրաւուի, եւ կնիքի ներքեւ Էջմիածին կը դարձուի: Դաւիթ սնտուկը միաբանութեան առջեւ կը բանայ Ծնունդի գիշերը, 1802 յունուար 5-ին, որպէսզի միաբանութիւնը վստահեցնէ թէ ինքն Գեղարդը փախուցած չէ ( ԴԻՒ. Է. իզ ): Բայց որպէսզի ցուցմունքը կատարեալ ըլլար, պէտք էր սնտուկը չեկած եւ չբացուած` Գեղարդը իր տեղը Մայրտաճարին մէջ մնացած ցուցնել, եւ ոչ թէ սնտուկին գալէն եւ բացուելէն ետքը մէջը չգտնուիլը ցուցմունք համարիլ: Դաւիթ ինքն կը գանգատէր, թէ զսնտուկ իմ յափշտակեալ ի ճանապարհին, եւ բացեալ զկնիք իմ հանեալ են զամենայն եղեալսն ի նմա, որով սնտուկին Էջմիածինի մէջ կրկին բացուիլը` ոչ մի նշանակութիւն չէր ունենար: Դաւիթ գրած էր եւս, որ Մահմատ խանին վրայ դրած է իր վստահութիւնը, եւ թէ յուսացեալ ի բերդ եւ յիշխանութիւն ձեր, ցանկամ այդր լնուլ զամենայն գոյս աթոռոյս: Ասով աթոռապատկան ստացութիւնները գանձարանէն հանած ըլլալը կը հաստատէր, եւ անոնք կաշառակերին ձեռքը իբր աւանդ յանձնելը` իր գաղտնի միտքը կը մատնանշէր: Դաւիթ կը խոստովանէր եւս` թէ Ռուսն եւ Ուռումն, իմա Տաճիկն, թշնամիք են իրեն, եւ միայն Մահմատի պաշտպանութիւնն է որուն կը վստահի ( ԴԻՒ. Է. իզ ), որ ըսել կ՚ըլլար թէ պարտաւոր էր զայն գոհացնել:

2264. ԴԱՒԻԹԻ ԲՌՆՈՒԹԻՒՆՔ

Դաւիթ իրաւունք ունէր Ռուսական եւ Օսմանեան կայսերութեանց պաշտպանութենէն յոյսը կտրել, քանի որ երկուքն ալ փոխած էին իրենց առաջին ուղղութիւնը: Ռուսական պաշտպանութիւնը վերջնականապէս իրեն զլացուած էր ( § 2260), իսկ Օսմանեան կառավարութիւնը, նոր պատրիարքի պաշտօնական դիմումին վրայ, դադարեցուցած էր կանուխէն տուած հրովարտակը ( § 2254), եւ նոր հրովարտակ տուած էր Դանիէլի անունով: Նոր հրովարտակին իբր թուական ցուցուած է 1801 նոյեմբեր 23 տարեթիւը ( ՄՍՐ. 48), եւ ըսուած է եւս, թէ նոյեմբեր 10-ին, խնդրուեցաւ տեղապահ Յակոբ եպիսկոպոսէն ( ԴԻՒ. Ա. 111), որով տեղի չի մնար թուականի սխալմունք ենթադրել, հիմնուելով ուրիշ կողմէ տրուած տեղեկութեան, թէ Խամսեցին առաւ հրովարտակը ( ՊԷՐ. 39): Մանաւանդ որ այդ մասին Էջմիածինի միաբաններուն գրուած նամակն ալ 1802 յունուար 8-ին յղուած է ( ՄՍՐ. 48), եւ չենք իմանար թէ ինչու 45 օր յապաղած են յաջողութեան լուրը բարեկամներուն հաղորդելու: Ինչ ալ ըլլայ թուականի խնդիրը, հասած տեղեկութիւնները հարկաւ պիտի ոգեւորէին միաբանութիւնը, յայտնապէս Դաւիթին դէմ ելնելու, սակայն պատեհ մը պէտք էր զայն յայտնելու եւ ահա թէ ինչպէս ստեղծուեցաւ: Գեղարդակիր կոչուած Յովհաննէս Ակնեցի եպիսկոպոս, ըսած կ՚ըլլայ երբեմն, թէ ինքը երկու մատերով օծած է Դաւիթի գագաթը, ետքէն անոնցմով անոր աչքերը հանելու համար: Խօսքը Դաւիթին ականջը կը հասնի, Յովհաննէս կը սկսի վախնալ, կը փորձէ փախչիլ, չարաբախտութեամբ ձեռք կ՚իյնայ, եւ ոտնակապօք երկաթեօք կը բանտարկուի: Այն ատեն Յովհաննէս ոչ ուստեք օգնութիւն գտնելով, կը պարտաւորուի խոնարհիլ, զղջում յայտնել հնազանդութիւն խոստանալ եւ բանտարկութենէն ազատուիլ ( ՄՍՐ. 41): Դաւիթ Յովհաննէսի վրայ հետզհետէ վստահութիւն զգալով, 1802 աւագ շաբթուն մէջ զինքն Երեւան կը ղրկէ առ գործոյ իրիք ( ՊԷՐ. 25), որ ուրիշ տեղ ցուցուած է` Դաւիթի եղբօրորդւոյն կնքահայրութիւնն ընել ( ՄՍՐ. 42): Գեղարդակիրը, որ մինչեւ այն ատեն կրցեր էր կեղծել, առիթէն կ՚օգտուի Էջմիածին չդառնալ, եւ Տփղիս անցնելով հակադաւիթեան կուսակցութեան գլուխն անցնիլ: Դաւիթ փութաց 1802 ապրիլ 12-ին աւագ շաբաթ օր դէպի Կ. Պոլիս ճամբայ հանել Ստեփանոս Քուչուրեան եպիսկոպոսը, եւ Ղազար Վեցիկեան վարդապետը, Կ. Պոլսեցիները շահելու համար. մինչ միւս կողմէ իր զայրոյթը կը թափէր Գեղարդակիրին մտերիմներուն վրայ: Զատկի մեռելոցի օրը, ապրիլ 14-ին, ծերունի Ղազար խոստովանահայր եպիսկոպոսը կը դնէ ի բանտ խաւարային, Կարապետ նորընծայ աբեղան յայլում բանտի, Յակոբ Պոլսեցի վարդապետը եւս յայլում բանտի, երեքն ալ շղթայի զարնուած, եւ ուրիշներուն վրայ ալ սպառնալիքներ կը տեղայ ի գիշերի գանակոծ ընելու համար: Միաբանները բոլոր ոտք կ՚ելլեն, քարիւ եւ փայտիւ կը դիմեն ի վեհարանն, բանտարկեալները կ՚ազատեն, անկէ բազմութեամբ տաճար կը հաւաքուին, եւ կը վճռեն թէ Դաւիթ է խանգարիչ բարեկարգութեան ազգին եւ աւերիչ սրբոյ աթոռոյս, եւ իրեն ալ գիր կը գրեն. Վասն զանազան անկարգութեանց եւ բարբարոսական գործոց քոց` ոչ ընդունիմք զքեզ, եւ ուխտիւք եւ նզովիւք որոշումնին կը հաստատեն ( ՊԷՐ. 26):

2265. ԴԱՐՁԵԱԼ ԲՌՆՈՒԹԻՒՆՔ

Միաբաններ կը մտածեն միանգամընդմիշտ Դաւիթի բռնութենէն ազատիլ, եւ կ՚որոշեն խանին դիմել, ուստի Զատկի երեքշաբթի առտուն, 1802 ապրիլ 15-ին վանքին դուռը փակեալ գտնելնուն, հիւսիսային պատէն ծակ մը կը բանան, եւ բազմութեամբ Երեւան խանին կը դիմեն գոչելով. Բարձ ի միջոց մերմէ զԳողիաթն զայն, եւ բեր զօրինաւոր հայրապետն մեր, եւ կամ սպան զմեզ զամենեսին ( ՊԷՐ. 26): Մահմատ կը շուարի, բայց վրայ կը հասնի Աղամալեան մելիքը, Դաւիթի եղբօր աներն ու անոր հզօր պաշտպանը, եւ տրամադրելի գումարներով եւ ընծաներով խանին միտքը կը շահի: Երեւան դիմողներէն Աստուածատուր եւ Բարսեղ եւ Աւետիս եպիսկոպոսները կը բանտարկուին եւ կը տուգանուին, մնացեալներն ալ հեծեալներու առջեւ ձգուելով, գանելով եւ հարկանելով, գլխիբաց եւ բոկոտն մինչեւ Էջմիածին կը քշուին, եւ Դաւիթի կը յանձնուին, որ ամէնքն ալ սենեակներու մէջ խիստ բանտարկութեան կ՚ենթարկէ, չներելով ոչ մի պէտքի կամ կարիքի համար դուրս ելնել: Յայտարարութիւն մըն ալ կը պատրաստէ, որով ստորագրողները պիտի խոստանան Դաւիթի հնազանդիլ, եւ եթէ հեստեն 100 թուման տուժել խանին: Արժան է դիտել հին երեւոյթին կրկնումը, որ կը հաստատէ Դաւիթի եւ Մահմատի շահակցութեան եւ գործակցութեան գաղտնիքը: Շատեր կը ստորագրեն եւ արգելարանէ կ՚ազատին, բայց գլխաւորներուն դէմ կը խստանայ Դաւիթ, եւ աւելի երկար ատեն բանտարկեալ կը թողու, Աբրահամ Աժտարխանցի վարդապետը ի բանտ խաւարային, Փիլիպպոս Եւդոկիացի վարդապետը յամբարն գարւոյ, Յակոբ Պոլսեցի վարդապետը ի Ղազարապատի, Ղազար խոստովանահայր եպիսկոպոսը յիւրում սենեկի, Ստեփանոս եւ Ռեթէոս վարդապետները, Կարապետ աբեղան, Եփրեմ սարկաւագը եւ Իգնատիոս տիրացուն զանազան արգելարաններ, իսկ Աստուածատուր ու Բարսեղ ու Յովհաննէս ու Աւետիս եպիսկոպոսները Երեւանի բանտը ( ՊԷՐ. 28), մինչեւ իսկ զԳէորգ եպիսկոպոս սովամահ արար անդ ի բանտին ( ՊԷՐ. 50): Միաբանութեան վրայ ճնշումը կատարեալ ընելու համար, Երեւանէ զերեւելի Տաճիկս բերել կու տայ, որպէսզի յանուն Մահմատի բռնութիւնները խստացնեն: Միաբաններէն ոմանք այդ եղելութեանց մասին գիրեր կը գրեն մայիս 20-ին, եւ գաղտնի միջոցներով Կ. Պոլիս եւ Մոսկուա կը հասցնեն ( ՄՍՐ. 51), խնդրելով որ ջանան ազատել զաթոռն եւ զմեզ ի ձեռանէ բարբարոսիս այսմիկ ( ՊԷՐ. 29):

2266. ԴԱՆԻԷԼԻ ՕԾՈՒԻԼԸ

Բայց Կ. Պոլսոյ պատրիարքը եւ Դանիէլեանք ալ անգործ չէին: Դանիէլի անունին ստացուած կաթողիկոսութեան հրովարտակը, եւ երեք բազմակնիք գրութիւններ, Դանիէլին, Միաբանութեան եւ Մահմատ խանին ուղղուած, ճամբայ կը հանեն 1802 յունուար 8-ին Ներսէս Աշտարակեցի վարդապետին ձեռքով, Կարին տանելու համար, ուր կը հասնի նա փետրուար 21-ին, եւ կուսակալին ձեռքով Միաբանութեան եւ Մահմատի ուղղուած գիրերը կը ղրկէ Երեւան, եւ Դանիէլն ալ մարտ 9-ին ճամբայ կը հանէ դառնալ Պայազիտ ( ԴԻՒ. Ա. 112-124), զի հրահանգ տրուած էր իրեն, որեւէ միջոցով Դանիէլի կաթողիկոսութիւնը հռչակել եւ ծիսական կարգադրութիւնները լրացնել, որպէսզի Դաւիթի դիրքն ալ խախտի, եւ իրեն դիմադրող կաթողիկոս մը գտնուի, եւ ազգային կացութիւնը անգլուխ չներկայացուի: Արդէն Եփրեմ թելադրած էր, որ եթէ անհնար ըլլայ Դաւիթը Էջմիածինէ հեռացնել եւ Դանիէլը այնտեղ բազմեցնել, Պարսկական պաշտպանութեան պատճառով, Բագրեւանդայ տաճարին մէջ կաթողիկոսական օծում կատարուի ( § 2261), եւ այս առաջարկը հաւանութիւն գտած էր Կ. Պոլսոյ մէջ, եւ ըստ այնմ հրահանգ կը տրուէր Ներսէսի, Կարին ուղեւորած ատեն ( ՊԷՐ. 39): Նոյն իսկ Էջմիածինի միաբաններն ալ մայիս 20-ի նամակով, որուն ստորագրած էին 5 եպիսկոպոսներ եւ 12 վարդապետներ, կը հաւանէին որ Դանիէլ, Էջմիածինէ դուրս ի տէրութեան Օսմանցւոց կաթողիկոսական աթոռ հաստատէ, օծցի եւ նստցի անդ, եւ զգործ հայրապետութեան իւրոյ կատարեսցէ սրբագործելով զմիւռոնն եւայլն ( ԴԻՒ. Ե. 218): Այս նպատակով պէտք էր ծիսական պահանջից համեմատ եպիսկոպոսներ ունենալ, եւ գործին կարեւորութիւն տալու չափ եկեղեցականներ եւ իշխանաւորներ հաւաքել, ուստի պէտք եղած հրաւիրագիրներ ցրուեցան, եւ պատուիրակներ հանուեցան: Այդ պարագաներուն մէջ նշանակելի է Աշտարակեցի Ներսէսի գործունէութիւնը, զի գաղափարը իրենը չէր, եւ գործին գլխաւորութիւնն ալ Դանիէլի կը պատկանէր, բայց գործադրութիւնը Ներսէսի ջանքերուն արդիւնք եղաւ: Պայազիտ գալերնին ալ, Բագրեւանդի վանքին մօտ գտնուելու, եւ պատրաստութեանց հսկելու համար էր: Հանդէսին առաւելագոյն փայլ, եւ ազգային համերաշխութեան հաւաստիք աւելցնելու համար, յատկապէս հրաւիրուեցաւ Աղթամարայ Կարապետ կաթողիկոսն ալ ( § 2174), օծող եպիսկոպոսներու նախագահելու: Եպիսկոպոսներու կանոնական 12 թիւն ալ աւելիով լրացաւ զի տասնեւվեց եպիսկոպոս հաւաքուեցան Կարապետ կաթողիկոսով մէկտեղ ( ԴԻՒ. Ե. 236), եւ են, Գէորգ` Արտազու, Խաչատուր` Աղբակի, Գրիգոր` Սեբաստիոյ, Գրիգոր` Բալուայ, Յովհաննէս` Մշոյ Ս. Առաքելոց, Յովհաննէս` Մշոյ Ս. Կարապետի, Փիլիպպոս` Խարբերդի, Անտոն` Մանազկերտի, Գրիգոր` Բաղէշի, Աբրահամ` Դերջանի, Կարապետ` Կեսարիոյ, Մանուէլ` Վարդիհօր վանաց, Աբրահամ` Լուսապտուղ վանաց, Մարտիրոս Էջմիածինի միաբան ( ԴԻՒ. Ե. 234), եւ մէկը միայն անծանօթ կը մնայ: Ներկայ վարդապետներուն թիւը նշանակուած է երեսունեւինն, որոնցմէ 22 հատի ստորագրութիւններ կը կարդացուին: Անապատաւորք եւ աբեղայք եւ քահանայք եղած են 102, որոնցմէ 35 ստորագրած են յայտնելով, թէ մեք այսչափ հոգեւորականաց կնքելով բաւականացաք ( ԴԻՒ. Ե. 236): Աշխարհական իշխանք եւ ժողովուրդք եղած են աւելի քան երեք հազար, սակայն անոնց մէջէն անունով յիշատակուածներ չունինք: Այդ միջոցին Եփրեմ եպիսկոպոս կ՚աշխատէր Դանիէլին անունին հրովարտակ հանել տալ Ռուսաց կայսրէն ալ, որուն Թամարով դեսպան հասուցած էր Օսմանեան հրովարտակին պատճէնը: Իրօք ալ կը յաջողէր զայն ստանալ մայիս 19 թուականով ( ԴԻՒ. Ե. 213), ուր յայտնապէս կ՚արտօնուի Դանիէլ իր կարգադրութեան ի ներքոյ ունել բոլոր Ռուսաստանի Հայերը: Հրովարտակին հետ հարուստ շուրջառցու մըն ալ ընծայ կը յղուէր կայսրէն, պէտք եղած երիզներով եւ ծոպերով ( ԴԻՒ. Ա. 134): Ամէն պատրաստութիւնները լրացնելով, կաթողիկոսական օծման հանդէսը կը կատարուի 1802 մայիս 25, Երկրորդ Ծաղկազարդի կիրակէին ( ԴԻՒ. Ա. 153): Ասկից ետքը միւռոնօրհնէք ալ կատարուեցաւ վիճակներու ցրուելու համար, եւ չորս վարդապետներու ալ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն տրուեցաւ ( ՄՍՐ. 52): Այս կերպով կը կարծէին ամէնքը թէ խնդիրը լուծուած եւ հակառակութիւնները ջնջած եղան, մինչ հետեւանքը հակառակն եղաւ, եւ երկպառակութիւններ եւ գայթակղութիւններ աւելի սաստկացան:

2267. ՎՃԻՌ ՍԻՒՆՀՈԴՈՍԻ

Դանիէլի օծումը կատարողներ, իրենց գործին ջատագովութիւնը ըրած են, Քննութիւն սրբազան սիւնհոդոսիս մակագրութեամբ ընդարձակ գրուածով մը ( ԴԻՒ. Ե. 219-236), որ կանուխ պատրաստուած էր անշուշտ, թէպէտ մայիս 27 թուական կը կրէ ( ԴԻՒ. Ե. 234), օծումէն երկու օր ետքը լրացած եւ ստորագրուած ըլլալուն համար, ուսկից ամփոփումներ ալ կազմուած են ( ՊԷՐ. 39-44), Քաղուած սիւնհոդոսական վճռոյն մակագրութեամբ ( ՄՍՐ. 53): Ամենայն հաւանականութեամբ նոյնինքն Ներսէս Աշտարակեցին եղած կ՚ըլլայ այդ վճիռը խմբագրողը, որ ինքն ալ ստորագրած է, վարդապետաց կարգին 11-րդ տեղը, իբր Ներսէս վարդապետ, միաբան Սուրբ Էջմիածնի ( ԴԻՒ. Ե. 235): Այդ գրուածը հինգ հատուածներու բաժնուած է, որ Բան կը կոչուին: Առաջին բանը, կը յայտնէ թէ ժողովի գումարուած են Տրդատի մկրտութեան տեղը ( § 68), եւ քննութեան ենթարկած են Դաւիթի խնդիրը, եւ վճռած են զայն` իսկապէս ընդ դատապարտութեամբ եկեղեցւոյ, եւ անվաւեր օծութիւն նորա ( ԴԻՒ. Ե. 220): Վճիռին փաստերուն անցնելով երկրորդ բանին մէջ, առջեւ կը բերեն կաթողիկոսական օծման կանոնէ հատուած մը, ուր ըսուած է թէ մանաւանդ եւս կաթողիկոսը մի' լիցի անձնընծայ, եւ ընտրեալ արծաթով ի ձեռն կաշառաց այլազգի իշխանաց, զի պիղծ է այնպիսին առաջի Աստուծոյ եւ բանադրեալ իսկ է: Նմանապէս Շնորհալիի Ընդհանրականէն առջեւ կը բերեն Դաւիթ Թոռնիկեանի հակաթոռ կաթողիկոսութեան մասին ըսուածները, եւ անոր դատապարտութիւնը եւ մերժումը Սեաւլերան ժողովին կողմէ ( § 929): Բաղդատութեան համար շատ յարմար եկած է Թոռնիկեանին եւ Էնէգէթցիին ալ համանուն կերպով Դաւիթ կոչուիլը: Երրորդ բանին մէջ յառաջ կը բերուին Էջմիածինի միաբանութեան Դաւիթի կաթողիկոսութիւնը մերժելուն մասին յայտարարութիւնները, երկուքը 1801 ապրիլ 8-ին Երեւանի Մահմատ խանին եւ Վրաց Դաւիթ խանին ուղղուած, եւ չորսը 1802 մայիս 20-ին գրուած, համիմաստ կերպով, որոնցմէ Կ. Պոլիս ղրկուածը իր ամբողջութեամբ կ՚արտագրեն ( ԴԻՒ. Ե. 221-227): Չորրորդ բանին մէջ, կը յիշեն թէ ուրիշ թուղթեր ալ տեսած են, եւ Դաւիթի ընթացքն ալ քննած, եւ կը յաւելուն, դատապարտեցաք զնա ինքն Դաւիթ եւ զամենայն համախոհ իր դատապարտութեամբն եկեղեցւոյ, մինչեւ զղջացեալ ապաշխարեսցեն, եւ դիմեալ յոտս օրինաւոր սրբազանին գտցեն ազատութիւն իւրեանց ( ԴԻՒ. Ե. 228): Հինգերորդ բանը կը բացատրէ Դանիէլի կոչումն ի զանազան ժամանակս, եւ արժանապէս օծումն, ուր պատմական ոճով քաղուած են Ղուկասի մահուանէ ետքը տեղի ունեցած գործերը կաթողիկոսական ընտրութեան մասին, որոնցմէ կը հետեւի թէ Դանիէլ օրինաւորապէս ընտրեալ մըն է, եւ Դաւիթ աթոռի յափշտակիչ մը, ուստի Դանիէլը օրինաւորապէս օծած են այս անգամ, եւ Դաւիթն ու իրենները դատապարտած: Անոր ձեռնադրած եպիսկոպոսները կը հռչակեն անընդունակք եկեղեցւոյ սրբոյ եւ բոլոր ազգի մերում, որով առանց անուննին յիշուելու կը մատնանշուին Գրիգոր Աքքիրմանցին եւ Կարապետ Նոր-Նախիջեւանցին: Դանիէլ կոչուած է հոգէընտիր, կայսերակոչ եւ ազգահրաւէր սրբազան կաթողիկոս Ամենայն Հայոց, եւ Դաւիթ ու Դաւիթեանք կը հրաւիրուին անոր դիմել որ նզովքէ արձակուին ( ԴԻՒ. Ե. 228-234): Ինչպէս յիշեցինք 72 եկեղեցականներ ստորագրած են այդ վճիռին, թէպէտ ներկաներ եղած են 157 ընդամէնն: Բագրեւանդի տաճարին տրուած կարեւորութիւնը բացատրելու համար, Տրդատի մկրտութենէն, ինչպէս նաեւ Սահակի այնտեղ մնալէն ( § 228), եւ հնօրեայ նշանաւոր տաճար մը ըլլալէն զատ, կրնանք դիտել համանուանութեան պարագայ մը, զի Թուրք եւ Պարսիկ տիրապետողներու սովորութեամբ, Էջմիածինի ու Բագրեւանդի տաճարները հաւասարապէս Իւչքիլիսէ, կամ Երեք-Եկեղեցի կը կոչուէին, զոր ժողովական վճռագիրը ( ԴԻՒ. Ե. 234) եւ Դանիէլի անդրանիկ կոնդակը ( ԴԻՒ. Ա. 154) Երեք-Վանք կը թարգմանեն, եւ ուրիշներ` Երեք-Խորան կը վերածեն ( ՇԱՀ. Ա. 234):

2268. ԿԱՆՈՆԱԿԱՆ ՏԵՍԱԿԷՏԸ

Այս է Բագրեւանդի մէջ կատարուած օծութեան մասին, օծողներուն եւ օծելոյն տեսութիւնը, որոնք ամենայն օրինաւորութեամբ եւ ամենայն իմաստութեամբ գործ մը կատարած ըլլալու համոզումը կ՚արտայայտեն: Քիչ մը վերը ակնարկեցինք թէ կատարուած եղելութիւնը իր նպատակին չհասաւ, զի երկպառակութիւնը չվերջացուց, մանաւանդ թէ նորանոր արկածներու առիթ տուաւ: Իսկ օրինաւորութեան մասին կարծիք մը յայտնելու համար, պէտք է շատ կէտեր միանգամայն նկատի առնել: Ստոյգ է թէ Դանիէլ իրաւապէս ընտրեալ մըն էր, ամէն կողմէ պէտք եղած պայմանները լրացած էին, Մայրաթոռոյ միաբանութեան կամքը, Տաճկահայոց հաւանութիւնը, Օսմանեան եւ Ռուսական կայսերութեանց հաստատութիւնները կատարուած էին, բայց իրապէս իր իրաւունքին վայելման մտած չէր: Ստոյգ է նոյնպէս Դաւիթ իրաւապէս ընտրութեան պայմանները չէր վայելեր, առանց կանոնական ընտրութեան իւրովի բարձրացած էր, արտաքին բռնութեան շնորհիւ աթոռին տիրացած էր, տիրանալէն ետքը բռնի կերպով հաւանութեան յայտարարութիւններ ձեռք ձգած էր, իր դիրքը պահելու համար ալ` միայն բռնութեան եւ կաշառքի ոյժերով կը զօրանար: Բայց իրապէս աթոռի տէր դարձած էր, երբ տակաւին ուրիշ մը անոր տիրացած չէր: Մենք արդէն յայտնած ենք մեր կարծիքը, թէ ինչպէս լոկ իրապէս կատարուած մի բան` իրաւապէս եղած ըլլալու կերպարանը կը զգենու ( § 2250). եւ փոխադարձաբար իրաւապէս իր զօրութենէն կ՚իյնայ: Մենք կրնանք ընդունիլ, թէ Դաւիթը բռնի ստացուած դիրքէն հալածելու համար եղած ձեռնարկները` մեղադրելի չէին կրնար սեպուիլ, զի անիրաւ ստացութեան դէմ ճիգեր չեն կրնար երբեք արգելուիլ: Բայց այդ պէտք էր ընել նոյնիսկ Դաւիթի դիրքը խախտելով, եւ զինքը Էջմիածինէ հալածելով: Հետեւապէս ոչ ճարտար եւ ոչ արդիւնաւոր ձեռնարկ կը դատենք իր տեղը թողուլ մէկ մը, որ դիրքին տիրացած է, եւ անոր իր դիրքին մէջ կեցած ատեն, նոր դիրք մը ստեղծել` օրինական պաշտօնատեղիէն դուրս, իբրեւ թէ նոր աթոռ մը եւ նոր իշխանութիւն մը կազմուէր ազգին մէջ: Արդէն իսկ աթոռէն դուրս, եւ անպատրաստ գետնի վրայ կազմուած կաթողիկոսութիւնը, շատ պակասներ ունէր իր գոյութիւնը հաստատելու, մինչ հակառակորդը կը պահէր բուն աթոռին տիրապետութիւնը: Ազգն ալ միայն հատուածով մը կը մասնակցէր ձեռնարկին, մինչ անդին հակառակորդն ալ, այսպէս թէ այնպէս, ոչ արհամարհելի հատուած մը ունէր իրեն հետ. հետեւապէս Բագրեւանդի գործիչները անհաւասար մրցման մը դուռ կը բանային իրենք իրենց: Մեր տեսութեամբ շատ աւելի ճարտար, եւ թերեւս աւելի յաջող եղած կ՚ըլլար Դանիէլեանց ձեռնարկը, եթէ Օսմանեան եւ Ռուսական պետութեանց հովանաւորութեամբ, տժգոհ եւ ընդդիմադիր միաբանութեան ձեռնտուութեամբ, Կ. Պոլսոյ պատրիարքարանի պաշտպանութեամբ, եւ խումբ մը ազդեցիկ առաջնորդներու եւ վիճակներու ձայնակցութեամբ, ուղղակի Էջմիածինի մէջ Դաւիթի դէմ բանային պայքարը, եւ այն հալածելէ ետքը բերէին Դանիէլը, եւ Մայր տաճարին մէջ տային անոր կաթողիկոսական օծումը: Դաւիթը իսկապէս տապալած կ՚ըլլային այն ատեն, եւ նպատակնին իրագործած, ազգին եւ եկեղեցւոյն մէջէն ալ գայթակղութիւնը հեռացուցած ու խաղաղութիւնը հաստատած, մինչ իրենց գործով խռովութիւնը եւ պառակտումը շատցուցած եղան:

2269. ԳՈՐԾԻՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔԸ

Կը մնայ ձեռնարկին պատասխանատուութիւնը ճշդել, եղելութեանց մասին տեսութիւնները ամբողջացնելու համար: Ինչ որ խնդիրէ դուրս պէտք է նկատել, Դանիէլի անձն է, որ գլխաւոր դերը եւ ձեռնարկին վայելումը ունենալով մէկտեղ, կրնանք ըսել թէ ամէնէն անմեղն էր այդ ձեռնարկին մէջ: Դանիէլ բնութեամբ հեզ, ուղղութեամբ բարեմիտ, եւ ձգտումներով համեստ անձ մը վկայուած է ամէնէն, եւ թունդ Դաւիթեաններն ալ անոր անձը դատափետելու չեն յանդգնած: Եթէ մեղադրելի բան մը պիտի դիտուի Դանիէլի վրայ, վերջին աստիճանի կրաւորական դիրք մը պահելն է, զինքն բոլորովին յանձնած ուրիշներու ձիրքերուն եւ ուրիշներու կիրքերուն միանգամայն: Ինքն իր գործին վրայ իշխելու կարողութիւնը չունեցաւ, եւ ներեց որ իրեն անունով գործուին այնպիսի բաներ, որոնց վատ հետեւանքները իրեն վրայ պիտի ծանրանային: Սովորութիւն է իբրեւ գործին վարիչն ու տէրը, եւ հետեւաբար իբր տիրապէս պատասխանատուն նկատել Ներսէս վարդապետ Աշտարակեցին, տակաւին 32 տարեկան երիտասարդ եկեղեցականը ( § 2257), որ ոչ յատուկ պաշտօն ունէր, եւ ոչ առանձին դիրք մը կը վայելէր, եւ բոլոր իր արժանիքը` իր ժիր գործունէութիւնն էր, եւ գլխաւոր պաշտօնը` ասոնց կամ անոնց կողմէն պատուիրակ նշանակուիլն էր: Հետեւապէս Ներսէս գործի գլուխ ըլլալու բնաւ կերպարան չունէր: Իրեն արդիւնքը չէր, եթէ առաջին անգամ Մայրաթոռի մէջ Դանիէլ կաթողիկոսութեան կ՚ընտրուէր, եւ ոչ ալ գործին տէրն էր, երբոր Տաճկահայք Դանիէլի ընտրութիւնը կը վաւերացնէին: Եթէ վերջին անգամ Կ. Պոլսոյ մէջ կրնար ազդեցութիւն բանեցնել Յովհաննէսի պաշտօնանկութեան եւ Գրիգորի ընտրութեան մէջ, սակայն հակադաւիթեան մեծ շարժումը Էջմիածինի մէջ արդէն արծարծուած էր, ուր Ներսէս ներկայ չէր: Հետեւապէս աւելի ընդարձակ շրջանակի մէջ պէտք է փնտռել վերջին ձեռնարկներուն պատասխանատուն, ոչ այս կամ այն անձը անհատաբար մեղադրելով, այլ գործին բնութեան մէջ տեսնալով եղելութեան սկզբնապատճառը: Էջմիածին եւ Կոստանդնուպոլիս հաւասարապէս իրենց ընտրողական իրաւունքը, եւ իրենց կատարած ընտրութեան պաշտպանութեան համար կը պայքարէին, եւ մանաւանդ կը գրգռուէին Դաւիթին անհամբոյր բնաւորութենէն, եւ բռնական գործունէութենէն: Այդ շարժումները ինքնաբերաբար կազմուած էին, առանց Ներսէսի թելադրութեան. Ներսէս միայն ճարտար եւ յաջող յանձնակատարի դերը կը վարէր, եւ անգամ մը որ պայքարը սկսած էր, չէր թողուր որ այն մարեր ու դադարեր, իրեն յորդորող եւ գրգռող ունենալով ամբողջ կուսակցութիւն մը, կազմ եւ պատրաստ կուսակցութիւն մը, որուն ինքն կը ծառայէր, եւ ոչ թէ զայն իրեն կը ծառայեցնէր: Ասոր համար մենք չենք կրնար Ներսէսի վրայ բեռցնել գործին պատասխանատուութիւնը, այլ կրնանք իրեն պատշաճեցնել կանուխէն եւ ուրիշներէն սկսուած գործի մը ժիր գործադիր, անխոնջ աշխատող, եւ աննկուն հետեւող եղած ըլլալու դերը, մինչեւ իսկ գործին տէրն ու ենթական եղող` Դանիէլի ցուցած տկարութեանց դէմ մաքառելով: Բագրեւանդի մէջ կատարուած իրողութեան մասին պէտք եղած տեսութիւնները փակելով, եղելութեանց շարունակութեան դառնանք:

2270. ԴԱՒԻԹԻ ԱՐԱՐՔԸ

Դաւիթի ընթացքն ու գործունէութիւնը Էջմիածինի մէջ բաւական կնճռոտ երեւոյթներ կը ներկայացնէ, երբոր նկատի առնենք իրեն ճոխ թղթակցութիւնը, եւ բաղդատենք իր մասին պատմուածներուն հետ, որոնցմէ ինչինչ յիշեցինք արդէն ( § 2263-2265): Դաւիթ երբ մէկ կողմէն սաստիկ բռնութեան գործերէն չէր կասեր` Մայրաթոռին ներքին վարչութեան մէջ եւ միաբանութեան հանդէպ, արտաքիններուն աչքին անշահասէր եւ խաղաղասէր անձի երեւոյթները կ՚ուզէր ցուցնել անհատնում թղթակցութիւններով, համակիրները քաջալերելու եւ հակակիրները շահելու նպատակէն մղուած: Չնայելով որ Ռուսական պաշտպանութիւը իրմէ վերցած էր, ինքն չէր դադարեր Կովկասի կողմերը գտնուող Ռուս պաշտօնակալներուն հետ թղթակցիլ, եւ զանոնք իրեն կողմը անցընելու միջոցները գործածել. ասով դուրսիններուն ալ Ռուսաց հետ սերտ յարաբերութեանց մէջ ըլլալը կ՚ուզէր ցուցադրել: Այս մասին յոյժ շահագրգիռ եւ կատարելապէս հոգեբանական ուսումնասիրութիւն մը եղած կ՚ըլլար, եթէ իր գրուածներուն մասին ( ԴԻՒ. Զ. ) կատարեալ աշխատութիւն մը կատարուէր, բայց մենք չենք կրնար այդչափ երկարել: Միայն պիտի դիտենք որ հրատարակուած հաւաքածոյին մէջ երեւցող, եւ միաբանութեան կողմէն գրուած Դաւիթի նպաստաւոր նամակները, բնաւ չեն յարմարիր Դաւիթի դէմ յայտնուած շարժումներուն հետ. որով յայտնապէս կը հետեւի, թէ անոնք Դաւիթէ պատրաստուած, եւ հրապուրանօք կամ բռնութեամբ քանիներու ստորագրել տրուած գրութիւններ են: Մինչեւ իսկ այդ գիրերէն շատերուն առանց ճիշդ թուականի գտնուիլը, անոնց պատրաստուած, բայց չստորագրուած ու չղրկուած ըլլալնուն նշան կրնայ նկատուիլ: Ամէնէն աւելի Դաւիթի մտահոգութիւն պատճառող պարագան Խամսեցիին պատրիարքութիւնն էր, ուստի իրեն մտերիմներուն գրած ատեն ամէն անարգանք եւ նախատինք կը թափէր անոր վրայ, եւ Առ ընդհանուր ազգն ուղղուած յատուկ շրջաբերականով ալ` տմարդի եւ կոպիտ եւ ոսպռ Խամսեցիդ կը կոչէ զայն ( ԴԻՒ. Զ. 268), եւ կը յայտնէ, թէ չէ պատրիարք, այլ պետ եւ գլուխ չարեաց. կը հրամայէ, ոչ պարտիք ճանաչել զդա իբրեւ զկարգաւոր ազգիս, այլ հրաժարելով ի նմանէ իբրեւ ի կատաղի գազանէ եւ գիշատիչ գայլոց, եւ համաթուել ընդ գլխաւոր հերետիկոսաց եւ ընդհանուր հերձուածողաց, ընդ Նեստորի, ընդ Մակեդոնի եւ ընդ Արիոսի ( ԴԻՒ. Զ. 567), եւ կը վերջացնէ, թէ հայրապետական իշխանութեամբ մերով, կապեցաք անլոյծ կապանօք եւ բանադրեցաք զանիծեալդ յԱստուծոյ զչիք եւ զպիղծ Գրիգոր չպատրիարքն Պոլսոյ` ի յերկինս եւ յերկրի ( ԴԻՒ. Զ. 569): Այդ լեզուն եւ այդ ընթացքը չ՚արդարացներ հեզութեան եւ անձնուիրութեան կերպարանը, զոր յաճախ կը յեղյեղէ իր գրութեանց մէջ, եւ մանաւանդ եթէ յիշենք Մայրաթոռոյ միաբաններուն վրայ գործածած բռնութիւնները ( § 2265):

2271. ԴԷՄԸՆԴԴԷՄ ՃԻԳԵՐ

Բանադրանքի եւ անէծքի զէնքը, Դանիէլի դէմ ալ գործածեց Դաւիթ, ինչպէս կը յիշէ 1802 մայիս 24-ին գրած մէկ թուղթին մէջ ( ԴԻՒ. Զ. 397). թէ հայրապետական բարձու իշխանութեամբ բանադրեցաք զնա եւ կապեցաք հոգեւոր կապանօք յերկինս եւ յերկրի, զինքն եւ զհամախոհս իւր ( ԴԻՒ. Զ. 396): Նկատողութեան արժանի է այդ գրութեան մայիս 24 թուականը, որ մէկ օրով առաջ է մայիս 25-ին Բագրեւանդի մէջ կատարուած օծումէն ( § 2266), եւ չորս օր յետոյ է մայիս 20-ի միաբանութեան բողոքագիրէն ( § 2265), որուն մէջ յիշուած է, թէ Դաւիթ ետ գրել ի դիմաց միաբանից զբանադրանս վասն Դանիէլի, բայց դեռ հրաւիրելոց է զմեզ ի կնքել, ոչ գիտեմք զինչ արասցուք ( ՄՍՐ. 51): Այդ մերձեցումները կը յայտնեն, թէ Դաւիթ Բագրեւանդի վանքին մէջ կատարուելիք օծումին լուրը առնելով, ուզած է ինքն կանխել, եւ ըստ այնմ ձայն հանած է, բայց գործադրութիւնը չէ կանխած. վասնզի գրուած է, թէ բանադրանքը արձակած է, իմանալով իւր դէմ սահմանած բանադրանքը ( ԵՐՑ. Ա. 25): Անկէ ետքն է որ միաբանները ժողովելով ( ՄՍՐ. 55) անէծք կարդացած է Դանիէլի դէմ: Մենք չենք ուզեր կարեւորութիւն տալ այդ բանադրանքներուն, որ երկու կողմերէն ալ կիրքի արդիւնք էին, եւ ոչ օրէնքի, եւ կ՚երեւի թէ ժամանակակիցներն ալ նոյնպէս կը մտածէին, որ ոչ մի կողմը բանադրանքի երկիւղածութեամբ իր միտքէն ետ չէր մնար: Գրիգոր պատրիարք Կ. Պոլսոյ մէջ եպիսկոպոսներով եւ վարդապետներով եւ իշխաններով ժողով կը գումարէր, եւ Սեբաստիոյ Գրիգոր եպիսկոպոսի ձեռքով բերուած Դանիէլի անդրանիկ կոնդակը ( ԴԻՒ. Ա. 151) հանդիսապէս կը հրատարակէր ( ՊԷՐ. 46): Տփղիսի մէջ ալ արտասովոր հանդիսաւորութեամբ, յուլիս 13-ին, Վարդավառի բարեկենդանի կիրակիին, կը կարդացուէր Ռուսաց կայսերական հրովարտակը երեք լեզուով, եւ Դանիէլի հայրապետական գիրը ( ԵՐՑ. Ա. 27): Ներհակընդդէմ պայքարին մէջ` երկու կողմերն ալ միայն դրամի եւ ազդեցութեան զօրութեամբ գործը առջեւ կը մղէին: Դաւիթ կ՚ամբաստանէր Դանիէլը թէ Պայազիտի մէջ մնացած Մայրաթոռոյ սպասներն ու ապրանքները` կաշառքի գործածած է ( ԴԻՒ. Զ. 393), բայց միեւնոյն բանը իրեն համար ալ զրուցուած է. եւ իր մտերիմը, Գէորգ Աղայէկեան, յայտնապէս կը խրատէր, թէ որքան փող ունիս` չխնայես, ձեռդ բաց լեր ( ԴԻՒ. Ե. 789): Դաւիթ այդ միջոցները թէ Ռուսական եւ թէ Տաճկական արքունիքներուն մօտ ալ կը գործածէր, բայց իր գլխաւոր ոյժը Երեւանի խանն էր, որ եւ ոչ Պարսկական արքունիքին կ՚անսար, եւ ազատօրէն Դաւիթէ կը շահուէր եւ Դաւիթը կը շահեցնէր: Նա համարձակութիւն ունեցաւ Ռուսական կառավարութեան Դանիէլի համար միջնորդութիւնն ալ մերժել, զի երբ Ռուսաց մէկ էլչի եկն յԵրեւանու խանն, բացասական ջուղապ ետ խանն ( ԴԻՒ. Զ. 396): Միւս կողմէն Դաւիթ կ՚աշխատէր Կ. Պոլսոյ կառավարութեան մօտ ալ զօրանալ, քանի որ Դանիէլ անոր հողին վրայ էր եւ անոր հովանաւորութեամբ կը գործէր, եւ պէտք էր նախապէս այդ պաշտպանութենէն զրկել Դանիէլը: Ուստի այս նպատակին գործածեց, բոլոր տրամադրելի նիւթական եւ բարոյական իր միջոցները, եւ իրօք` անով կրցաւ ապահովել իր երկրորդ յաջողութիւնը:

2272. ԽԱՄՍԵՑԻՆ ՊԱՇՏՕՆԱՆԿ

Դանիէլեանք իրենց նպատակին հասնելու համար աշխատած էին Յովհաննէս պատրիարքը տապալել, որ Դանիէլը զօրացնեն. նոյն կերպով Դաւիթեանք ալ ձեռնարկեցին Գրիգորը տապալել, որ Դաւիթը զօրացնեն: Կարծես թէ Գրիգոր ինքն ալ առիթ տուաւ իրեն տապալման, իր տարապայման խստութիւններով: Նոյն իսկ Դանիէլի կուսակիցներ կը խոստովանին, թէ ըստ անխոհեմ բարուց իւրոց, նաւթ եւ ձէթ արկանէր ի հուրն բորբոքեալ, եւ թէ սկսաւ բռնաբար խոշտանգել զԴաւթեանս, եւ զկծեցուցիչ բանիւք նախատել ի քարոզս: Մինչեւ իսկ Դաւիթ անունին թաւ իթ, հայատաճիկ խառնակ ստուգաբանութիւն մը յարմարցնելով, մազոտ շուն կ՚անուանէր Էնէգէթցին ի քարոզի իւրում, ի մէջ եկեղեցւոյ պատրիարքարանին ( ՊԷՐ. 49): Էնէգէթցիին անունին բառախաղ կազմելու մէջ աւելի յաջողակ էր թերեւս Գեղարդակիրը, երբ կը գրէր, թէ զԴաւիչն անարգել են ամենայն նախատանօք անդ ի սուրբ աթոռն ( ԴԻՒ. Ե. 416): Խամսեցիին դառնալով, անոր խօսուածէն Դանիէլեաններէն ալ շատեր գայթակղեցան իր վրայ, խնդիրի նիւթ ըրին նաեւ Բագրեւանդի գումարման մէջ կազմուած Վճիռ սիւնհոդոսի յայտարարութիւնը ( § 2267) տպագրութեամբ ցրուելը, իբր անարգանք պաշտօնին եւ աթոռին տէր եղող անձին դէմ: Իդէպ հասան Դաւիթէ ղրկուած նշանաւոր գումարներ, Օսմանեան աւագանին շահելու եւ համոզելու, որ Գրիգոր պատրիարքութենէ հանուի, Դանիէլի համար տրուած արտօնագիրը ետ առնուի, Գրիգոր ու Դանիէլ Էջմիածին աքսորուին, եւ Յովհաննէս նորէն պատրիարքութեան բարձրացուի: Դանիէլեան ժիր գործիչներէն Մանուէլ վարդապետ միայն կը գտնուէր Կ. Պոլիս, եւ կարող չեղաւ վտանգին առջեւն առնուլ: Խումբ մը գլխաւորներու կողմէ տրուած բողոքագիրին հիմնուելով, եպարքոսը հրամայած է Գրիգորի պաշտօնանկութիւնն ու աքսորը` եւ Յովհաննէսի պատրիարքութիւնը` երբ տակաւին սա Եւդոկիա կը մնար: Գործադրութիւնը եղած է 1802 հոկտեմբեր 21-ին, Խաչի վեցերորդ երեքշաբթին, եւ երեկոյեան դէմ արեւու մտնալէն ժամ մը առաջ ( ԴԻՒ. Ա. 155), Գրիգոր փոխադրուած է Քաղկեդոն կամ Քատըքօյ ( ՊԷՐ. 50), եւ մինչեւ որ Յովհաննէս Եւդոկիայէ բերուի, փոխանորդ նշանակուած է Անդրէաս Գաղատիոյ եպիսկոպոս ( ԴԻՒ. Է. 81): Զաքարիա Կաղզուանցիի աշակերտներէն եւ Յովհաննէսի աշակերտակից: Անդրէաս անմիջապէս կը հրամայէ եկեղեցիներու մէջ Դաւիթի անունը յիշատակել նոր պատրիարքին անունին հետ, մինչ Գրիգոր Խամսեցիի պատրիարքութեան ատեն Դանիէլի անունը կը յիշատակուէր իբր կաթողիկոս: Անդրէաս բուռն միջոցներ ալ ձեռք կ՚առնէ Դանիէլեանները հալածելու, այնպէս որ նոյնինքն Մանուէլ վարդապետ, որ յանկարծ լսած էր Խամսեցիին պաշտօնանկութիւնը, պէտք զգաց քանի մը օր պահուըտիլ, եւ առաջին առիթով նոյեմբեր 2-ին Կ. Պոլիսէ հեռանալ, եւ ապաւինիլ Ղրիմի կողմերը ( ԴԻՒ. Ա. 156), նպատակ ունենալով այնտեղ գործել Եփրեմի օգնականութեամբ, եւ Կ. Պոլսոյ դեսպանական անձերէ ստացած յանձնարարականներու զօրութեամբ ( ԴԻՒ. Ե. 293): Նոր պատրիարքը բերելու գացող հրաւիրակներ, փութացին իրենց պաշտօնը կատարել, եւ Յովհաննէս ընտրութենէն 40 օր ետքը դեկտեմբեր 1-ին Կ. Պոլիս հասաւ ( ԴԻՒ. Ե. 294), եւ 3-ին չորեքշաբթի օր, զգեցաւ զկապայն եւ պաշտօնի ձեռնարկեց ( ՊԷՐ. 49):

2273. ՆՈՐ ՀԱՆՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Նկատողութեան արժանի կը դատենք քաղել այստեղ, Դաւիթի ուղղուած Կ. Պոլսեցւոց նոր հանրագրութիւնը, զոր Յովհաննէս փութացած է կազմել տալ մայրաքաղաք հասնելէն քիչ օր ետքը, վասնզի 1802 տարւոյ դեկտեմբերի թուականը կը կրէ ( ԷՋՄ. Բ. 53): Մեծ ժողով մը կը գումարուի առ դրան սրբուհւոյ Աստուածածնին մայր եկեղեցւոյ, որուն ներկաներուն թիւը յիշուած չէ, բայց հազարի մօտ պէտք է ըսել, եթէ 588 ստորագրութիւններ դրուած են հանրագրութեան ներքեւ, ընդարձակ թուղթի մը վրայ, երկու ու քառորդ մէթր երկայնութեամբ ( ԷՋՄ. Բ. 50): Եկեղեցական եւ աշխարհական ամէն դասակարգերէ անձեր կը գտնուին ստորագրութեանց կարգին, որ կը ցուցնէ թէ Յովհաննէս կրցած է ընդհանուր համակրութեան շարժել Դաւիթի համար: Սուրբ Գիրքէ վկայութիւններով զարդարուած եւ շողոքորթ ըսելու չափ շքեղ նախաբանէ մը ետքը, Դաւիթ կը հռչակուի հոգեւոր տէր մեր ազգաընտիր սրբազան աստուածարեալ կաթողիկոս, որ Գրիգորի օրով իրեն դէմ եղած ցոյցերուն ըստ Յոբայ համբերութեամբ տարաւ այսմ վշտաց եւ փորձութեանց, բայց որպէս ոսկի` մաքուր եւ ընտիր գտաւ: Կը յաւելուն, թէ զհոգեւոր տէրդ աստուածարեալ Դաւիթ սրբազան կաթողիկոս ընդհանուր եկեղեցւոյ մերոյ գիտեմք եւ ճանչեմք, եւ համահաճ հաւանութեամբ ընդունիմք մշտնջենաւորապէս: Իսկ ինչ որ յայս մէկ տարուանս միջոցին յաւուրս Գրիգոր պատրիարքին երեւցան, սուտ գրութիւնք եւ գրգռեցուցիչ թուղթք` իբր անընդունակ կը մերժեն. միանգամայն յանուն Դանիէլ եպիսկոպոսի ուրեք գրուածք թուղթք գտանին կաթողիկոս անուամբ, կ՚որոշեն ի հուր արկանել եւ այրել: Հանրագրութեան ներքեւ առաջին ստորագրողն է Յովհաննէս արքեպիսկոպոս եւ շնորհիւ տեառն պատրիարք Կոստանդնուպոլսոյ, որուն կը հետեւին 10 եպիսկոպոսներ, Գալուստ նուիրակ եւ Անդրէաս տեղապահ, Պետրոս ու Յակոբ Երուսաղէմի, եւ Գէորգ ու Ստեփանոս Էջմիածինի միաբաններ, եւ առաջնորդներէն Յակոբ Թէքիրտաղի, Կարապետ Կեսարիոյ, Գրիգոր Սեբաստիոյ եւ Բարսեղ Նարեկայ: Ստորագրող վարդապետներ 14 են, որոնց կը հետեւին կարգաւ մայրաքաղաքի քահանաներ. Մայրեկեղեցւոյ 37, Սամաթիոյ 30, Պալաթի 22, Խասքէօյի 8, Ղալաթիոյ 26, Օրթաքէօյի 6, Իւսկիւտարի 13: Աշխարհականներուն առաջին կարգին կը ստորագրեն տիրացուներ, դպրապետներ եւ վարժապետներ 25. անոնցմէ ետքը կու գան ամիրաներ 36, եւ եկեղեցիներու իշխաններ 48: Վերջէն կը ստորագրեն արհեստաւոր դասակարգեր. Գույումճու 16, Գաբամաճի 11, Ալաճաճի 14, Ճէվահիրճի 19, Սրմաքէշ 10, Տօղրամաճի 8, Քիւրքճի 11, Սօֆճի 3, Ճիզմէճի 4, Օթուրաքճի 6, Թիւլպէնտճի 47, Պասմաճի 13, Քէրէստէճի 16, Քալբաքճի 9, Չիլինկիր 10, Բազարճի 10, Սահաթճի 10, Սէտէֆճի 3, Քավուքճի 2, Մինթանճի 4, Պարխանաճի 3, Գազէզ 7, Թէրզի 15, Պէրպէր 11, Էնքսէրճի 15, Էսկիճի 3, Մէստճի 9, Ֆինճանճի 5, Քէսէճի 5, Գազանճի 9: Ամէնուն ալ անունները կը յիշուին, ոմանց ազգանուններն ալ, գլխաւորապէս տիրացուներու եւ ամիրաներու եւ իշխաններու ( ԷՋՄ. Բ. 54-59), որ կրնայ հետաքրքրական ըլլալ նոյն ընտանիքներէ եղողներուն:

2274. ԴԱՆԻԷԼ ՅԷՋՄԻԱԾԻՆ

Դանիէլ այդ միջոցին կը մնար Բագրեւանդ կամ Ալաշկերտ գաւառը, Իւչքիլիսէ կամ Ս. Յովհաննէս վանքը, ուր հաստատած էր իր հայրապետանոցը, միասին ունենալով եպիսկոպոսներ եւ վարդապետներ, եւ գլխաւորապէս Ներսէս Աշտարակեցի վարդապետ` անխոնջ գործիչը: Իւչքիլիսէի դիրքը տեղական գործունէութեան դիւրութիւն չէր ընծայեր, գլխաւոր գործերնին էր թղթակցութիւններով ամէն կողմերու հետ յարաբերութիւններ կազմել, ոչ միայն ազգային, այլեւ պետական շրջանակներու հետ: Կ՚աշխատէին վառ պահել Ռուսական արքունիքին համակիր պաշտպանութիւնը, շահիլ` եթէ հնար ըլլար` Երեւանի խանը, քաջալերել Կ. Պոլսոյ պատրիարքութիւնը եւ Տաճկահայոց վիճակները, սրտապնդել Մայրաթոռոյ միաբանութեան Դաւիթի դէմ հատուածը, լուրեր տալ եւ լուրեր առնել Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ կատարուած նպաստաւոր ճիգերուն վրայ: Բազմաթիւ թղթակցութիւններ լոյս տեսան վերջին ատեններ ( ԴԻՒ. Ե. 240-289), որ այդ յարաբերութեանց մանրամասնութիւնները կու տան: Յիշեցինք արդէն թէ Դաւիթեանց գործունէութեան նպատակն էր Դանիէլն ու Գրիգորը Էջմիածին փոխադրել եւ Դաւիթին իշխանութեան ներքեւ դնել, գուցէ եւ ճարտարութեամբ մը մէջտեղէն վերցնել: Առ այս պէտք եղածը սկսած էր գործադրել Անդրէաս` դեռ Յովհաննէսը չեկած, եւ պէտք եղած հրամանները հաղորդուած էին Պայազիտի փաշային, ուր փոխադրուած էր եւ Խամսեցին, Դանիէլի հետ աքսորուելու համար: Դաւիթ որ եղածներէն լուր առած էր նոյեմբեր 10-ին ( ԴԻՒ. Է. 6), Գրիգորի տապալուելուն եւ Դանիէլի մերժուելուն լուրը ստացած, փութաց Պայազիտ ղրկել Շիրայի պէկ անուն իշխանը` Երեւանայ Մահմատի, եւ Քօլեան Աբրահամ Տաթեւացի եպիսկոպոսը` իր կողմէն, որ Դանիէլը բերեն, Օսմանեան կառավարութենէ տրուած հրամանին համեմատ ( ԴԻՒ. Ա. 156): Ասոնք նախ Պայազիտ կը հանդիպին, եւ փաշան հաճեցուցեալ` առնուն հրաման, եւ Իւչքիլիսէի վանքը գալով, չանցուցեալ գէթ ժամ մի, Դանիէլը ճամբայ կը հանեն իւրայնովքն հանդերձ ( ԴԻՒ. Ա. 157): Հազիւ Դանիէլ խնդրագիր մը կը պատրաստէ Աղեքսանդր կայսեր ուղղուած 1802 նոյեմբեր 23 թուականով, ուր կ՚ըսէ թէ նոյն օր Պայազիտի բդեշխն` գնոց գնով վաճառեալ զմեզ` մատնեաց կապանօք եկողներուն ձեռքը, հանդերձ ընդ իս եղեալ հոգեւորականօք եւ մարմնաւորականօք ( ԴԻՒ. Ե. 293), ուր թէպէտ յիշուած է Գրիգոր պատրիարքն ալ ( ԴԻՒ. Ե. 292), սակայն այլուր գրուած է, թէ նա այն օրերը հիւանդացած Կարս կը մնար, եւ ի յառողջանալն գալոց է ( ԴԻՒ. Ե. 7): Այստեղ կապանօք բառը, բռնութեամբ պիտի իմանանք, զի շղթայի յիշատակութիւն չենք գտներ, մանաւանդ թէ Քօլեանի հրահանգ տրուած էր սիրով եւ պատուով վարուիլ Դանիէլի հետ, մինչեւ իսկ խոստանալով յանձնել նմա զաթոռն հայրապետական, եթէ ինքն յօժարեսցի ( ՄՍՐ. 56): Վանքէն ելած օրերնին գիշերը կ՚օթեւանին Արծափ, միւս գիշեր Հազուէիս, ուր դիմաւորելու կու գայ Սիմէոն եպիսկոպոս աթոռակալ բազում զինակրաւ ի զգուշութիւն: Երրորդ օր Էջմիածինի մօտ Քիւլթափէ կոչուած տեղը կը դիմաւորեն Անդրէաս եւ Յովհաննէս եպիսկոպոսներ եւ Սահակ Դարբինեան վարդապետ, եւ լռելեայն բերեալ մուծանեն ի Ղազարապատ, եւ Դանիէլը իր հետեւորդներէն զատելով` մուծեալ ի ներսի Ղազարապատ վրան ունեցածները կը գրաւեն, եւ ամէն հաղորդակցութենէ արգելուն, կացուցեալ պահապան զՄկրտիչ շաթիրն Պուլուզեան. եւ այսպէս կը մնայ յաւուրս երեսունեւերկու այսինքն նոյեմբեր 25-էն, որ է Էջմիածին մտնելուն օրը ( ԴԻՒ. Ա. 157), մինչեւ դեկտեմբեր 26: Էջմիածին հասնելուն օրը ուրիշ տեղ նոյեմբեր 27 գրուած ըլլալը ( ԴԻՒ. Զ. 680), Ե. եւ Է. թուատառերու շփոթութեան պիտի վերագրենք:

2275. ԴԱՆԻԷԼ ԲՌՆԱԴԱՏԵԱԼ

Երբ Դաւիթ խիստ պահպանութեան ներքեւ կը պահէր Դանիէլը, միւս կողմէն անձամբ ներսի Ղազարապատ երթալով եւ անոյշ խօսքերով կ՚ուզէր զայն իրեն հնազանդեցնել, որպէսզի նա ձեռնթափ լինի, եւ ինքն ապահովուի: Իրաւ ալ կրնար այդ միտքին յաջողիլը յուսալ, զի Դանիէլ ինքնիրեն մնացած ատեն զոհողութեանց յանձնառու ըլլալու չափ զիջող էր, հանդարտազգեաց եւ երկիւղած վիճակեալ էր բարոյից ( ՄՍՐ. 57), եւ բոլորովին հեռու էր ամէն ձգտումներէ: Նոյն իսկ իր արգելական կացութեան վրայ ձայն հանող չէր, եւ ուրիշներն էին որ բողոքի կը համարձակէին: Քօլեան գլխաւորապէս` որ Դաւիթի կողմանէ սէր եւ պատիւ էր խոստացած, կը բողոքէր թէ սուտ գտանիմ ի բանս իմ եւ ամօթազգեաց ( ՄՍՐ. 56): Երեւանի մեծամեծներ նոյնիսկ խանին դիմելով, անոր կողմէ Դաւիթի գրել տուին, որ Դանիէլը հանեալ յարգելարանէ պատուով պահէ ի կարգս միաբանից: Դաւիթ երկիցս եւ երիցս ընդդէմ եկաց այս միջամտութեանց, եւ վերջապէս պայման դրաւ, որ Դանիէլ գրաւոր կերպով հրաժարի կաթողիկոսութեան անունէ, դատապարտէ իր ընթացքը, անվաւեր եւ ապօրինաւոր խոստովանի իր օծումը, զղջում յայտնէ իր ըրածին վրայ ( ԴԻՒ. Ա. 158): Դանիէլ այդ ալ յանձնառու եղաւ կատարել, եւ 1802 դեկտեմբեր 31 թուականով հրաժարագիր մը ստորագրեց, որ աւելի մեղայագիր կրնայ ըսուիլ, վասնզի եղելութիւնները յիշելէ ետքը կը յաւելու թէ զղջացեալ ընդ հակառակ արարսն մեր, կատարեալ զղջմամբ դիմեցաք ի Սուրբ Էջմիածին ի համբոյր Քրիստոսաէջ սրբոյ տեղւոյն եւ մաքուր աջոյ տեառն Դաւիթ եռերանեալ սրբազան կաթողիկոսին` հանդերձ մեղայիւ ( ԴԻՒ. Ե. 298). մինչ յայտնի է որ կամովին եկած չէր, այլ բռնի բերուած էր ( § 2273): Սոյն ոճով կրկին եւ կրկին կը հերքէ, կը դատապարտէ, կը նզովէ իր ըրածները, եւ կը փակէ յայտարարելով, թէ կատարեալ զղջմամբ ասեմ մեղայ Աստուծոյ եւ սրբոյ Էջմիածնի եւ գերագահ երջանկափառ աստուածարեալ սրբազան կաթողիկոսի Ամենայն Հայոց, եւ խնդրեմ ինձ զներումն առ ի նոցունց քաւչարար զօրութենէ, վկայութեամբ ստորակնքող եպիսկոպոսաց: Եւ իրօք 12 եպիսկոպոսներու ստորագրութիւններ դրուած են նոյն գիրին ներքեւ, որոնք են աթոռակալ Սիմէոն, ժամօրհնող Ալեքսիանոս, գրագիր Անդրէաս, Յովակիմ, Ստեփանոս, Աստուածատուր, Բարսեղ, միւս Ստեփանոս, Յովհաննէս, Աբրահամ, միւս Աբրահամ եւ Գէորգ եպիսկոպոսներ ( ԴԻՒ. Ե. 299): Այդ գրութեան վրայ 1813 տարւոյ առջի օրէն սկսան դիւրութիւններ ընծայուիլ Դանիէլի, դասին մէջ` տեղ, ոմանց երթեւեկի արտօնութիւն, երբեմն Դաւիթի սեղանակից, բայց ազատ բնակութիւն չտրուեցաւ, եւ Մեծ Ղազարապատին մէջ փակուած մնաց ( ԴԻՒ. Ա. 161): Ասոր ալ պատճառ կրնանք ընդունիլ, Դաւիթի ինքզինքը ապահով չզգալը, զի եթէ Դանիէլ համակերպեցաւ, այլ Դանիէլեանք ոչ, որոնք բնաւ կարեւորութիւն չտուին Դանիէլի հրաժարագիրին, որ պարզապէս բանտարկեալ անձէ մը բռնադատութեամբ առնուած ստորագրութիւն էր, եւ այնպէս ալ նկատուեցաւ: Իրօք ալ յայտարարութեան մէջ գործածուած տարապայման եւ տարօրինակ ոճը, Դաւիթի կողմանէ պատրաստուած գրութիւն մը ըլլալը կը մատնէ:

2276. ՌՈՒՍԻԱ ՄԻՋՆՈՐԴ

Դանիէլի պաշտպաններուն եւ անոր անունով գործողներուն գլուխը կը գտնուէին Եփրեմ եպիսկոպոս Ռուսիոյ առաջնորդ, եւ Յովհաննէս Գեղարդակիր Տփղիսի առաջնորդ: Մանուէլ Կիւմիւշխանացին ալ ( § 2272) Եփրեմի մօտ կը գտնուէր Նոր-Նախիջեւանի մէջ, ուր եկած էր Կ. Պոլիսէ` մէկտեղ բերելով կարեւոր վաւերագիրներն ալ: Ասոնց հովանաւոր եւ օգնական էին Լազարեան եղբայրներ, Մինաս եւ Յովակիմ, Ռուսաց արքունիքին առջեւ ազդեցութիւն վայելող իշխանաւորներ: Ամէնքն ալ իրենց ջանքերը դադարեցուցած չէին երբոր Էջմիածինի մէջ հրաժարագիրի անցքերը կը կատարուէին: Աղեքսանդր կայսերէ ալ հրահանգ տրուած էր Կովկասեան գաւառաց կուսակալութեան, պէտք եղած դիմումներն ընելու Երեւանի խանին մօտ, որպէսզի Դաւիթ հեռացուի եւ Դանիէլ կաթողիկոս հաստատուի: Դաւիթ ալ անգործ չէր, եւ Դանիէլի վրայ նոր բռնութեան առիթ ստեղծելու համար` տեղեկութիւն տուած էր խանին, թէ պարտաւորուած է Դանիէլէ հաշիւ պահանջել այն գումարներու եւ գոյքերու համար` զորս գանձած եւ իւրացուցած եւ ծախսած էր իբր կաթողիկոս, մինչ անոնք Էջմիածինի իրաւունքն էին: Դաւիթի հետ խառնուած էր Ներսէսի ալ անունը, իբր գրգռիչ այս ամենայն տարաձայնութեանց եւ պատճառ աւերութեան աթոռոյն: Դաւիթի այդ ջանքերը իմացան Երեւանի Հայ իշխանաւորներ, եւ նազիրին կամ կառավարական գործակատարին միջնորդութեամբ աղաչանքներ ու ընծաներ ու գումարներ մատուցանելով խանին, յաջողեցան հաճեցնել, որ Դաւիթին գրէ թէ բաւականացիր այնուհետեւ ի վրէժխնդրութեանցդ: Ճիշդ այս օրերուն 1803 յունուար 5-ին, Ճրագալոյցի օրը, Երեւան կը հասնի ( ԴԻՒ. Ա. 163) Թէմուրազ Վրացի իշխան, Օրբելեանց Վրացի ճիւղէն, Թէմրիզ Էշիկաղասի իշխանին որդին, որ Ռուս կուսակալին եւ Վրացի իշխանաւորներուն անունով Մահմատի առաջարկեց, զի ընկեցեալ զԴաւիթ յաթոռոյն` նստուսցէ զԴանիէլ ( ՄՍՐ. 57): Մահմատ չկրցաւ նոյնընդնոյն առաջարկը մերժել, որ Ռուսական կառավարութեան ազդեցութեամբ կը ներկայացուէր, եւ չկրնալով Դաւիթէ եւ անկէ ստացած եւ ստանալիք շահերէն ալ հրաժարիլ, իբր ելից միջոց փոխադարձ առաջարկեց, որ Ռուսները հաւանին եւ օգնեն որպէսզի նորէն իրեն պաշտօնին մէջ հաստատուի Կարսի բդեշխ Շէրիֆ փաշա ( ԴԻՒ. Ա. 164), որ դատակնքեալ ի մահ յՕսմանեան Դրանէ, եւ Ախլցխայէ փախստեայ ապաւինած էր Մահմատին մօտ: Շէրիֆ նկատուած էր իբր Ռուսաց ոխերիմ թշնամի ( ԵՐՑ. Ա. 31), ասով մէկտեղ դեսպանը յուսադրութիւն յայտնեց, գործը Ռուս կառավարիչին հաւանութեան ենթարկելու, եւ մինչ ցաւուրս հնգետասան պատասխանը տալու ալ խոստում տուաւ: Մահմատ այդ միջոցին Դաւիթն ու Դանիէլը Երեւան բերել տուաւ, եւ Էջմիածինի մէջ Դաւիթի սենեակները կնքել տուաւ, որպէսզի փոխանցումը դիւրացնէ: Պայմանեալ օրերը լեցուեցան, բայց Ռուս կառավարիչէն ոչ պատասխան հասաւ, եւ ոչ զինուորական օգնութիւն: Մահմատ ալ մտածեց, թէ արք նենգամիտք են նոքա եւ խաբեբայք, ուստի մերժեց դեսպանին առաջարկը, եւ Դաւիթը արտօնեց վարել ըստ առաջնոյն զիւր իշխանութիւն: Դեսպանն ալ ստիպուեցաւ Տփղիս դառնալ, որ գործին ընթացքը բացատրէ, եւ պէտք եղած կարգադրութիւնները փութացնէ ( ՄՍՐ. 58):

2277. ԱՊԱՐԴԻՒՆ ԵԼՔ

Դանիէլի հետ Երեւան եկած էին Խամսեցին Գրիգոր եւ Աշտարակեցին Ներսէս, որոնք Դաւիթէ` փչանալի Խամսեցի Գրիգորն եւ լկտի Ներսէսն կոչուած են ( ԴԻՒ. Է. 47): Ասոնք մտածեցին, դեսպանին հետ Տփղիս դառնալ, եւ Ռուսական կառավարիչին հետ գործին յաջողութեան աշխատիլ, Դանիէլին ալ նոյնը թելադրեցին, որով թէ գործը պիտի դիւրանար եւ թէ Դաւիթի ձեռքէն ազատած պիտի ըլլար: Երկուքն ալ յորդորէին եւ ստիպէին զԴանիէլ, բայց ի չ՚առնուլ նորա յանձն` որոշեցին իրենք գնալ ընդ դեսպանին: Ոմանք այնպէս դատած են, թէ Խամսեցին եւ Աշտարակեցին ոչինչ խղճեցին մեկնիլ եւ հեռանալ Դանիէլի մօտէն, հոգալով ի ճողոպրումն անձանց փութալ ( ՄՍՐ. 59): Սակայն պարագաները լաւ զննելով անհիմն կը նկատենք այդ մեղադրանքը, եւ յարմարագոյն կը սեպենք ըսել նախնական յիշատակագիրին հետ, թէ որոշեցին երթալ ի դիմաց Դանիէլի, իբրեւ յորդորիչ առ կուսակալն` կատարման խնդրոյ խանին Երեւանայ, որով պիտի ապահովուէր Դանիէլի կաթողիկոսութիւնը ( ԴԻՒ. Ա. 165): Դաւիթ ալ կը գրէ, թէ Դանիէլ զԳրիգորն եւ զՆերսէսն յուղարկեաց ի Թիֆլիզ, առ ի լցուցանել զփառամոլ թիւր կամս իւր ( ԴԻՒ. Է. 47), իբր թէ ինքն փառամոլ չ՚ըլլար, մանաւանդ թէ փառամոլութիւնը բռնաւորութեան հասուցած չ՚ըլլար: Դանիէլի երթալ չուզելուն պատճառ կրնանք նկատել քիչ մը առաջ տուած հրաժարագիրին հաւատարիմ մնալու խիղճը, բայց կրնայ ալ ըլլալ որ Մահմատ Դաւիթէ գրգռուելով ներած չ՚ըլլայ որսը ձեռքէն փախցնել: Արդէն Դաւիթի պայքարող ուղղութիւնը` իր իսկ գիրերէն կը յայտնուի: Որն եւ ըլլայ բուն պատճառը, 1803 յունուարի վերջին օրերը Խամսեցին եւ Աշտարակեցին դեսպանին հետ Երեւանէ մեկնեցան, 31-ին Տփղիս մտան, եւ փետրուար 1-ին ներկայ գտնուեցան իշխան Պօղոս Դեմետրեան կամ Պաւել Դիմիտրիչ Ցիցիանով մեծ կուսակալին հանդիսական մուտքին: Գեղարդակիրի գլխաւորութեամբ անոր ներկայացան, եղելութիւնները բացատրեցին, եւ պատասխան ստացան, թէ շնորհիւ մեծազօր կայսեր փութով ունիմ կատարել զխնդիր ձեր, յաջորդեցուցանելոյ զԴանիէլն յաթոռ կաթողիկոսութեան ( ԴԻՒ. Ա. 165): Գործին աւելի ոյժ տալու համար Աշտարակեցին անցաւ Նոր-Նախիջեւան` Եփրեմի եւ Մանուէլի գործակցելու, մինչ Խամսեցին Տփղիս մնաց Գեղարդակիրին մօտ ( ՄՍՐ. 59): Դաւիթ քիչ մը եւս Երեւանի մէջ ուշացաւ, Մահմատի հետ իր դիրքը ապահովելու համար: Իր գրգռութեամբ խանն բարկացեալ ի վերայ, Դանիէլի, կալեալ եդ զայն ի մէջ բերդին ի դիպահոջ ( ԴԻՒ. Է. 76), վասնզի Թիմուրազ երկրորդ անգամ եկած էր Դանիէլին կաթողիկոսութիւնը պահանջել, զլանալով մէկտեղ Շէրիֆին օգնելու պայմանը: Իսկ խանը կրկին մերժեց պատճառելով, թէ դուք որովհետեւ չկամեցաք ի գլուխ բերել զառաջարկութիւնն մեր, մեք եւս չեմք հաճելոց կատարել զկամս ձեր, աւելցնելով ալ` թէ Դաւիթի պաշտօնանկութիւնը հակառակ կ՚ըլլայ Պարսից շահին եւ Օսմանցւոց սուլտանին հրովարտակներուն ( ԴԻՒ. Ե. 84): Այսպէս Դաւիթ Մահմատի պաշտպանութեամբ զօրացած, պարսկական Նէվրուզն ալ Երեւանի մէջ կատարելէն ետքը, 1803 մարտի վերջերը Էջմիածին դարձաւ, ապրիլ 5-ին զատիկը տօնելու: Իսկ Դանիէլը, կը գրէ ինքն, խանն տուեալ ի ձեռս մեր, պատուիրեաց ըստ կամս առնել ընդ նմա, եւ պատժել` զիարդ եւ գիտեմք: Ասոր վրայ Դաւիթ զփիլոնն եւ զմատանին առեալ Դանիէլէն, եւ կարգընկէց արարեալ, կը փակէ ի միում սենեկի իբր ի դիպահոջ, եւ զայս կը կոչէ բնական գութ ( ԴԻՒ. Է. 104), երբ կը սպառնայ ալ, որ եթէ ոչ հանդարտեցուսցէ զ՚ի Թիֆլիզ եղեալ սեւագլուխսն իւր մինչեւ ի տասն եւ հինգ օր, ունի զրկիլ ի մօրուացն եւ տուժել զտոյժս ( ԴԻՒ. Է. 114):

2278. ԴԱՆԻԷԼ ՆԱԽԱՏԵԱԼ

Որչափ եւ Դաւիթ կաթողիկոսութեան տիրացած էր, սակայն հանդարտութիւն չունէր, զի Դանիէլեան գործիչներ, Եփրեմ եւ Յովհաննէս եւ Գրիգոր եւ Մանուէլ եւ Ներսէս` չէին դադարեր Ռուսական կառավարութեան մօտ աշխատիլ, որպէսզի Աղեքսանդր կայսերէ կաթողիկոս ճանչցուած Դանիէլը, իրօք աթոռին տիրանայ: Դաւիթ այնպէս կը կարծէր, կամ գոնէ կարծել կը ցուցնէր, թէ անոնք Դանիէլի հրահանգով կը շարժին, թէպէտ լաւ պէտք էր գիտնար թէ Դանիէլ, եթէ իրեն մնար, շատ հեռու էր այդ գործունէութենէ. եւ եթէ ուզեր ալ բան մը ընել, անհնարութեան մէջ էր, ամրապէս փակուած եւ խիստ հսկողութեան ներքեւ ամէն յարաբերութենէ զրկուած ըլլալով: Ուստի միայն ձեւակերպութիւն էր 15 օրուան պայմանաժամով պահանջել, որ վերոյիշեալ գործիչները արգելէ, եւ բուն նպատակն էր Դանիէլի անձին վրայ բռնանալու առթիւ ստեղծել, ինչպէս որ ալ կատարեց: Վասնզի մայիս 25-ին, Հոգեգալստեան երկուշաբթի օրը, խստիւ անարգելէ եւ նախատելէ, եւ ձայն տուր զօրաց Ռուսաց փութալ յօգնութիւն քեզ` խօսքերով հեգնելէ ետքը, հրապարակաւ նախ խուզել, յետոյ գերծել կու տայ Դանիէլի մօրուքը, եւ աւելի խիստ բանտարկութեան կ՚ենթարկէ ( ՄՍՐ. 59), զոր ինքն ի պահեստի հանգիստ կացութեամբ ապրիլ կը կոչէ, եւ մեծանձնութիւն կ՚ուզէ ցուցնել 15 օրուան պայմանաժամը մինչեւ 60 եւ 70 օր յապաղած ըլլալը ( ԴԻՒ. Է. 200): Դաւիթ այդ առթիւ ոտնակապ ֆալախա եւ գաւազան ալ պատրաստել տուած էր Դանիէլը տանջելու. այլ չհամարձակեցաւ գործադրել, տեսնելով որ ամենեցուն խոժոռեցան դէմք ի տխրալից տեսարանէն ( ՄՍՐ. 60): Հետեւապէս լոկ կեղծիք պէտք է ըսուին կարծեցեալ զղջումի ձեւերը, եւ քաղցրութեան վարմունքները, զորս ոմանք կ՚ուզեն բարձրացնել ( ԴԻՒ. Ա. 173): Որովհետեւ այդ միտքը ոչ մի կերպով չ՚արդարանար Դաւիթի գրութիւններէն, որոնց մէջ երբեք առանց նախատալից մի բառի չի տրուիր Դանիէլի անունը. զորօրինակ ժանտաժուտ ( ԴԻՒ. Է. 87), ախտամոլ ( ԴԻՒ. Է. 88), նենգաւոր, խարդախիչ ( ԴԻՒ. Է. 104), ամբարտաւան ( ԴԻՒ. Է. 113) եւ նմաններ: Անխտիր կը բռնանայ Դանիէլի համակիր կարծուածներու վրայ, հեռաւորներու ալ բանադրանքներ կը տեղացնէ չափազանց մոլեգնեալ ոճով մը, ինչպէս Աղբակի ( ԴԻՒ. Է. 114), եւ Ս. Կարապետի ( ԴԻՒ. Է. 148), եւ Բալուայ ( ԴԻՒ. Է. 170), եւ Մշոյ ( ԴԻՒ. Է. 174), եւ ուրիշ վիճակներու առաջնորդներուն: Դաւիթ միեւնոյն ատեն շարունակ Ռուսաց կայսեր եւ կուսակալին եւ պաշտօնէից կը դիմէր իր կարծեցեալ իրաւունքը պաշտպանելու, եւ իր միաբանութեան անունով գրուած նամակներ կը տեղացնէր, մինչեւ իսկ պահ մը Աղեքսանդր կայսրն ալ Ցիցիանովէ լիուլի տեղեկութիւններ կ՚ուզէր, թէ արդեօք Դանիէլ Պատրիարքը իրաւ Հայոց ազգին անհաճելի էfl, կամ թէ զայն հայրապետական գահին վրայ պահելը` երկրի համար նշանաւոր անյարմարութիւններ պիտի ծագեցնէfl ( ԵՐՑ. Ա. 29):

2279. ՌՈՒՍՔ ԵՒ ՊԱՐՍԻԿՔ

Ռուսական կառավարութիւնը երբոր Հայոց կաթողիկոսութեան խնդիրով կը զբաղէր, աւելի ընդարձակ նպատակ ունէր, Հայաստանի գաւառներուն մէջ իր տիրապետութիւնը ընդարձակել, ինչպէս արդէն Վրաստանի գաւառները իւրացուցած էր: Բայց պէտք է ընդունիլ, թէ այնպիսի անկարգ եւ անտանելի վիճակի հասած էր Պարսկական իշխանութիւնը, կամ լաւ եւս խաներու անիշխանութիւնը, որ մեծ բախտ պիտի ըլլար կանոնաւոր տիրապետութեան փոխանցուիլը, եւ երկրին բնակչութիւնն ալ իբր նախախնամութիւն կը նկատէր անոր իրագործումը: Դաւիթ Պարսիկ խանէն պաշտպանուած, եւ Դանիէլ Ռուսական կայսրէն հովանաւորուած, այդ զգացումներուն անձնաւորութիւններն էին դարձած: Օրիի ջանքերը ( § 1846) եւ Սիմէոնի ձգտումները ( § 2096), շատոնց արմատ ձգած էին Հայ սիրտերու մէջ: Ռուսական ծրագիրը ընդարձակ էր, եւ իր նախապատրաստութիւնները կը պահանջէր, ուստի Ցիցիանով, որ անոր գործադրութեան համար ղրկուած էր, հանդարտօրէն կը գործէր: 1803 տարին ուրիշ միջադէպներ տեղի չունեցան, եւ միայն 1804 տարեմուտին սկսան զինուորական շարժումները: Յունուար 3-ին Ցիցիանով գրաւեց Գանձակ կամ Կենջէ քաղաքը ( ԴԻՒ. Ա. 174), եւ հոն թողուց Գեղարդակիրը, որ իրեն կ՚ընկերանար: Անկէ մեծ պատրաստութեամբ գնաց լեռնաբնակ Լեզգիններուն վրայ, սասանեցոյց զամենայն սահմանակից իշխանաւորսն, անցաւ Գօրու եւ Իմէրէթու կողմերը, Դատիանու երկրին մէջ Ռուս գունդեր թողուց, եւ մայիս 5-ին Տփղիս դարձաւ Երեւանի կողմը արշաւելու համար ( ԴԻՒ. Ա. 175): Մահմատ ահաբեկած դեսպաններ յղած էր, եւ Ռուսաց հովանաւորութեան ներքեւ անցնիլ յանձնառու եղած, եթէ զինքն պաշտպանեն Պարսից Ֆէթհալի շահին դէմ, որ Երեւանի վրայ կը քալէր, ըմբոստ խանը նուաճելու եւ թշնամի Ռուսները վանելու կրկին նպատակով: Ցիցիանով Մահմատէ իբր նշան անկեղծութեան պահանջած էր, որ Երեւանի բերդը իրեն յանձնուի, եւ ինքն քաղաքէն ելնէ, ինչ որ Մահմատ չէր կատարած: Ուստի Ցիցիանով լեռնականներու պատերազմներէ ետքը մայիս 5-ին Տփղիս դառնալով 28-ին բանակը Երեւանի կողմը ճամբայ հանեց, եւ ինքն ալ ետեւէն ուղեւորեցաւ դէպի Արարատեան դաշտը: Մահմատ ամրացած էր արդէն Երեւանի մէջ ռազմամթերքով եւ առատ պաշարով, դաշտը պարպած էր բնակչութենէ, Դաւիթն ալ Էջմիածինի միաբաններով եւ հարստութիւններով Երեւանի բերդը փոխադրած, Դանիէլն ալ միասին առնելով: Պարսիկ յառաջապահ գունդը Աբաս Միրզա արքայորդւոյն հրամանատարութեամբ Թաւրիզէ մեկնելով` յունիս 1-ին Չարբաղի այգեստանը բանակեցաւ, Երեւանի բերդին վրայ յարձակեցաւ առանց յաջողութեան, երբ գումարտակ մըն ալ Էջմիածինի վրայ կը քալէր: Վանքին պահպանութեան մնացած սակաւաւոր միաբաններ, աթոռին պաշտպանութեան համար կանուխէն ստացուած արքունի հրովարտակը արքայորդւոյն կը ներկայացնեն Զաքարիա վարդապետին ձեռքով, եւ 600 հոգւոյ Պարսիկ գունդ մը պահապան կը հաստատուի Էջմիածինի մէջ: Նոյն միջոցին Ցիցիանով Ապարանի կողմէն կ՚իջնէ: Մահմատ իբրեւ նշան բարեկամութեան Ղասիմ պէկը կը ղրկէ, որ Ռուսներուն առաջնորդէ, որոնք Եղիվարդ եւ Օշական գիւղերու ճամբով կու գան բանակիլ Շրէշ կամ Շռէժ բլուրին վրայ, յունիս 20-ին Հռիփսիմեանց տօնին օրը ( ԴԻՒ. Ա. 177):

2280. ԷՋՄԻԱԾԻՆԻ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ

Ռուսաց եւ Պարսից պատերազմը կը սկսի նոյն օրը Ղարիբանոց կոչուած տեղը, Էջմիածինի եւ Հռիփսիմեանց տաճարներուն միջեւ տարածուող դաշտին վրայ, եւ կը շարունակէ երկրորդ ու երրորդ, յունիս 21 եւ 22 օրերն ալ, մինչեւ որ արքայորդին կը պարտաւորուի ետ քաշուիլ մինչեւ Երասխի գետեզերքը, եւ Ռուսներ կը տիրանան Էջմիածինի: Ռուսական բանակին հետ էին Դանիէլեան գործիչներ, Գեղարդակիրը եւ Խամսեցին եւ Աշտարակեցին` հետեւորդ եկեղեցականներով, որոնցմէ Յակոբ Մաշկերցի վարդապետ եւ Տրդատ Աստրախանցի սարկաւագ պատերազմի մէջ սպաննուեցան ( ԴԻՒ. Ա. 178): Դանիէլեաններ եւ Ցիցիանով անշուշտ մտադրած էին աթոռին տիրանալ եւ Դանիէլը նստեցնել, բայց Դանիէլ կալանաւոր փակուած էր Երեւանի բերդը ( ԴԻՒ. Ա. 179): Ռուսաց կողմէ, Դաւիթին հրաւէր կը կարդացուի Երեւանէ դուրս գալ եւ իրենց հպատակիլ, Դաւիթ մերժել կը ցուցնէ, թէպէտեւ ձեռուընիս ունինք Ռուսաց համակիր նամակի մը պատճէնը ( ԴԻՒ. Է. 426): Պաշտօնական մերժումին վրայ Ռուսներ Էջմիածինի մէջ գտնուած մթերքին կը տիրանան, եւ սպաներն ալ հաւաքելով միասին կը փոխադրեն, որ կայսրը ինչ ուզում է թող անի ( ԴԻՒ. Է. լբ ): Այդ գործին մէջ Ռուսներուն կը գործակցին Աշտարակեցին եւ ընկերները: Կողոպուտին մասին շատ խիստ գոյներով խօսած են Դաւիթ եւ Դաւիթեանք, իբր այն թէ ահագին հարստութիւններէ մերկացած ըլլայ Էջմիածինը Դանիէլեանց ձեռքով ( ԴԻՒ. Է. լգ ): Սակայն իրենք իրենց կը հակասեն, քանի որ յառաջագոյն ըսած էին, թէ աթոռի մեծագին անօթները Դաւիթ ժողովեց եւ տարաւ Երեւանի բերդը, որ Էջմիածինը գրաւուած դէպքում` Ռուսների չմնայ Էջմիածնի գոյքը ( ԴԻՒ. Է. լա ): Հետեւապէս Էջմիածինի ստացութեանց լաւագոյն մասը Դաւիթեաններէ եւ ոչ Դանիէլեաններէ հարկ կ՚ըլլայ փնտռել, եւ իրենց տարաժամ ողբերը, ըրածնին ծածկելու աղաղակներ եղած կ՚ըլլան:

2281. ՌՈՒՍՆԵՐ ԿԸ ՔԱՇՈՒԻՆ

Շռէշի ճակատամարտին ելքը Պարսիկները սթափեցուց, եւ արքայորդին ու խանը տեսան, որ իրենց հակառակութենէն շահողը Ռուսը պիտի ըլլայ, եւ իրենք միշտ պիտի վնասուին, ուստի գաղտնի կերպով սկսան իրարու մօտենալ եւ իրաւախոհութեամբ բարեկամանալ: Խաբէական դերը կատարողը եղաւ Մահմատ, որ երբ մէկ կողմէն արքայորդւոյն հետ կը բանակցէր, միւս կողմէն Ցիցիանովը կը յորդորէր, նախապէս արքայորդիին բանակը հեռացնել, որ ինքն ալ իրենց հետ ըլլայ: Ռուսները յունիս 25-ին Էջմիածինէ կ՚ելլեն, Փարաքարի մօտ Պարսիկները կը վանեն, եւ Կաւակերտ կ՚իջնեն: Աբաս Միրզա 27-ին Քանաքեռ կու գայ, Ցիցիանով վրան կը յարձակի, եւ Պարսիկներ կը փախչին դէպի Խորվիրապ, եւ Ռուսներ բանակետղը կը գրաւեն, յուլիս 2-ին Երեւանի քաղաքն ալ կը մտնեն, ու բերդը կը պաշարեն, եւ կը պահանջեն որ Դաւիթ եւ Դանիէլ Էջմիածինի գոյքեր իրենց յանձնուին: Դաւիթ իր կողմէն նենգամիտ յարաբերութեան կ՚ուզէ մտնել, բայց չ՚ընդունուիր իր առաջարկը: Յուլիս 16-ին նոր ընդհարում Պարսիկներու հետ Ազատ գետի եզերքը. 25-ին կրկին պատերազմ մը Պարսկաստանէ Ֆէթհալի շահին հրամանատարութեամբ նոր հասնող մեծ բանակին հետ, Հրազդանի հովիտին մէջ: Պատերազմներուն ելքը թէպէտ Ռուսաց նպաստաւոր, բայց չ՚ընկճեր Պարսից դիմադրութիւնը: Ցիցիանով մէկ կողմէն կը սպասէ որ Մահմատ բերդը պիտի յանձնէ, իսկ միւս կողմէն Մահմատ իբրեւ պայման կը պահանջէ Պարսիկ բանակին իսպառ հեռացումը, որուն գաղտ կ՚օգնէր ալ, եւ որ միշտ կը զօրանար նոր ոյժերով, եւ մեծ ճակատամարտէ խուսափելով Ռուս բանակը կը նեղէր եւ անոր պարենաւորումը կը դժուարացնէր: Ամառը կ՚անցնի շարունակ փոքրիկ ընդհարումներով: Մինչեւ որ սեպտեմբեր 4-ին Ցիցիանով ընդհանուր յարձակում մը կ՚ընէ Երեւանի բերդին վրայ, եւ կը յաջողի պատառուաւծս բանալ ի պարիսպն, այնպէս որ բերդակալներ կը խորհէին յառաւօտուն լինել անձնատուր ( ԴԻՒ. Ա. 185): Այլ յանկարծական իմն որոշմամբ` գիշերայն Ռուս զօրքը ետ կը քաշուի, եւ միւս օր 5-ին դէպ Էջմիածին կը մեկնի, եւ 6-ին Էջմիածինն ալ կը թողու եւ կը հեռանայ: Մէկտեղ կ՚երթան Դանիէլեան գործիչներն ալ, նաեւ վանքի մէջ եղողներէն անոնք որ Դաւիթի վրէժխնդրութենէն կը վախնային, եւ այս առթիւ միասին կը տանին արդէն հաւաքուած իրեղէնները, թերեւս մաս մըն ալ նորէն վրան աւելցնելով: Ռուսներուն յանկարծ հեռանալը գաղտնիք մը մնացած է պատմութեան մէջ, ոմանք կայսեր կողմէ եկած խորհրդաւոր հրահանգի մը, ուրիշներ Ռուսաց բանակին պաշարը պակսելուն, ոմանք բանակին մէջ վարակիչ հիւանդութեան ճարակելուն, եւ ուրիշներ Ռուս բանակին ետեւի կողմէ պաշարուելու վախին կը վերագրեն: Ամէն առթի մէջ ժամանակակիցներու գնահատումով, Ցիցիանով այդ յանկարծական որոշմամբ` ստոյգ յաջողութիւնը ձեռքէն հանած է ( ՄՍՐ. 61):

2282. ԴԱՆԻԷԼ ԱՔՍՈՐՈՒԱԾ

Հազիւ թէ Ռուսները կը մեկնին, որ Պարսիկներ Էջմիածինը կը գրաւեն, եւ թալանի կու տան ինչ որ կը գտնեն, նոյնիսկ մատենադարանի գիրքերն ալ կը ցրուեն, կամ իբր կողոպուտ կը վերցնեն: Այստեղ ալ դարձեալ Էջմիածինի կորուստներուն պատասխանատուութիւնը Դանիէլեանց եւ Ռուսաց վրայ կը նետուի Դաւիթէ եւ Դաւիթեաններէ: Սակայն շատ աւելի հաւանական է Պարսիկ հրոսակին վայրագութիւնը, քան Ռուս զօրականին կատաղութիւնը, եւ իբր փաստ կրնանք յիշատակել, թէ Էջմիածինի պղնձեղէնները եւ գիրքերը բեռներով եւ հազարներով վաճառուելու հանած են Թավրէզի հրապարակին վրայ ( ԴԻՒ. Ա. 186 եւ ԴԻՒ. Ե. 424), ուր ընդհակառակն Ռուսներու հետ տարուածները Տփղիսի մէջ ի պահեստի էին ընդ գանձուցն կայսերական, տաւթար արարեալ նշան առ նշան ( ԴԻՒ. Ե. 451): Ստոյգ է որ երբ Դաւիթ իրեններով, կալանաւոր Դանիէլն ալ մէկտեղ, Երեւանէ Էջմիածին եկած է, շատ տխուր վիճակի մէջ գտած է վանքն ու տաճարը, սակայն վնասուց պատասխանատուութեան մեծագոյն մասը իրեն վրայ կը ծանրանայ, որ լոկ կամահաճ բռնութեամբ աթոռին տիրանալով, իրեն յոյսը հաստատած է անիշխանական կառավարութեան մը վրայ, եւ իր զօրութիւնը փնտռած է վայրագ հրոսակին եւ անյագ կաշառակերներուն պաշտպանութեան մէջ: Դաւիթին ետեւէն Ֆէթհալի շահն ալ Էջմիածին եկաւ, տաճարին յարգանք ու նուէր ընծայեց, Դաւիթին օգնութիւն եւ պաշտպանութիւն խոստացաւ, եւ իր յաջողութեամբը ճոխանալով անոր հակառակորդները ընկճելու ամէն պատրաստակամութիւն յայտնեց: Դաւիթ պարագայէն օգտուեցաւ Դանիէլի վրայ ամբաստանութիւններ կուտել, իբրեւ Ռուսաց պաշտպանեալ, Ռուսները գրգռող, Ռուսները Պարսից դէմ հանող, եւ ամէն վնասուց պարտական: Շահը գրգռուած Դանիէլը կշտամբեց, իսկ սա ամենայն հանդարտութեամբ եւ հեզութեամբ կը պատասխանէ, թէ մտածելու իսկ բան չէ, որ թագաւորներ երկու սեւագլուխների խորհրդով եւ հրամանով կառավարեն, զի եթէ ձարը իր խորհրդով կը գործէ, ապա շահն ալ Դաւիթի խորհրդով գործած կ՚ըլլայ: Ֆէթհալի կը տպաւորուի այդ պատասխանէն ( ԴԻՒ. Է. լդ ): Բայց Դաւիթ վրայ կը հասնի նորէն գրգռել, եւ Դանիէլը աքսորելու առաջարկ կ՚ընէ, որուն Ֆէթհալի կը համակերպի, թերեւս չ՚ուզեր ալ զայն Դաւիթին ձեռքին եւ կիրքին ներքեւ թողուլ: Այսպէս սեպտեմբեր 12-ին Դանիէլ ճամբայ կը հանուի դէպի Թավրիզ, ուր կը հասնի 19-ին, եւ Մահտեսի Յովհաննէս անուն Հայի մը տունը հիւր կը տրուի ( ԴԻՒ. Ա. 188 եւ Ե. 423): Դանիէլի հասնելէն երկու օր ետքը շահն ալ կը հասնի Թավրիզ, եւ իրեն հետեւորդներէն ուրացեալ Վրացի Գէորգի պէյ, Դաւիթի մտերիմ եւ գործիք, կը սկսի դարձեալ շահին միտքը պղտորել Դանիէլի վրայ, եւ չի հանդարտիր, մինչեւ որ հրաման հանել կու տայ Թավրիզէն հանել եւ Մարաղա աքսորել, յանձնելով տեղւոյն Ահմէտ, ըստ այլոց Մէհմէտ խանին, պատուիրելով իրեն հետ տանիլ եւ զգուշութեամբ պահել: Ըստ այսմ միեւնոյն 1804 սեպտեմբերին վերջերը յարմար կ՚ըլլայ դնել Դանիէլի աքսորը: Մարաղացի իշխանը սկիզբները խստագոյնս վարէր իր կալանաւորին հետ, բայց հետզհետէ տեսնելով թէ ճգնազգեաց ոք է նա եւ աղօթասէր, բանտարկութեան խստութիւնը դադրեցուց, եւ թոյլ ետ կալ յընդարձակի ի տան իւրում ( ՄՍՐ. 62):

2283. ԴԱՆԻԷԼԻ ՀԱՄԱՐ

Դանիէլի աքսորական կեանքը Մարաղայի մէջ երկարեցաւ մինչեւ 1807 մայիս, որ է ըսել երկուքուկէս տարիէ աւելի, եւ Դաւիթ կարծեց, որ կրնայ այլեւս թէ ոչ կատարեալ հանդարտութեամբ, գոնէ բաւական ապահովութեամբ իր աթոռը պահել մինչեւ վերջ: Դաւիթեանց եւ Դանիէլեանց ներհակընդդէմ պայքարները չմարեցան, բայց իրենց սուր վիճակը չունեցան, եւ արկածալից ելեւէջները դադարեցան, եւ կացութիւնը գործնականապէս կայուն կերպարան ստացաւ: Դանիէլը իբրեւ կաթողիկոս ճանչցողներ եւ անոր անունով գործողներ պակաս չեղան, Դանիէլ ալ կաթողիկոս կոչումը չէր թողած ( ԴԻՒ. Ե. 487) թէպէտ երբեմն պարզ արքեպիսկոպոս անունով ալ կը գրէր ( ԴԻՒ. Ե. 477), բայց աւելի կապեալ կաթողիկոս կոչումը կը գործածէր ( ԴԻՒ. Ե. 474), աւելցնելով թէ կապեալս եմ գերի ի ձեռս հեթանոսաց ( ԴԻՒ. Ե. 492): Միեւնոյն ատեն պաշտօնական հրամաններ տալէ եւ կարգադրութիւններ ընելէ չէր քաշուէր, սակայն միշտ ամփոփ շրջանակի մէջ, զի ընդհանուր գործեր Դաւիթի անունով իր իշխանութեամբ կը կատարուէին: Այդ կացութեան կը նպաստէր Յովհաննէս Բաբերդցիի Կ. Պոլսոյ պատրիարքական աթոռին վրայ մնալը, ուր վերադարձած էր նա 1802 հոկտեմբերին, եւ իշխանութիւնը պահեց մինչեւ 1813 սեպտեմբեր, եւ գիտենք թէ զօրաւոր պաշտպան մըն էր Դաւիթի կաթողիկոսութեան: Դաւիթի վրայ խօսելով, երբեք չծածկեցինք մենք անոր անխոնջ եւ ժիր աշխատութիւնը, ցաւելով միայն որ մինչեւ բռնութիւն եւ բռնական տիրապետութիւն մղեց իր ձգտումները: Ներկայ պարագային մէջ ալ, Մայրաթոռին ահագին տագնապէն եւ չարաչար աւերումէն ետքը, Դաւիթ անօգուտ չեղաւ Էջմիածինի վերանորոգման գործին համար, եւ իր բոլոր կարողութիւնը գործածեց աւերեալ վիճակը դարմանելու, թէպէտեւ մեծ բան չկրցաւ իրականացնել: Ինքն կ՚ուզէր արդիւնքներ ցուցնելով համակրութիւն շահիլ, լաւ գիտնալով թէ ազգին ընդհանրութեան մէջ չէր վայելեր պէտք եղած սէրն ու յարգանքը. եւ միայն իր տիրապետութեան ոյժն եւ շատերուն տագնապներէ խոյս տալու փոյթն էր, որ տանելի ըրած էր իր կաթողիկոսական իշխանութիւնը: Նոյնինքն Մայրաթոռոյ միաբանութիւնը, որ աւելի ընկճած` քան հանդարտած կը մնար Դաւիթի ձեռքին տակ, չէր քաշուեր միեւնոյն ատեն պաշտօնապէս դիմել Ռուսաց Աղեքսանդր կայսեր, զի ազատեսցէ ի գերութենէ զաստուածընտիր սրբազան պատրիարքն Դանիէլ ( ԴԻՒ. Ե. 481), եւ նոյն նպատակով Ցիցիանովի միջնորդութիւնը կը խնդրէր, որպէսզի ազատուին ի նեղութեանցն, զորս անողորմաբար յաւելոյր Դաւիթ անձնասէր եւ անձնընծայ կրօնաւոր ( ԴԻՒ. Ե. 483):

2284. ԴԱՒԻԹԻ ԸՆԹԱՑՔԸ

Միաբաններ այդ համարձակութիւնը կը ստանային անշուշտ Ռուսաց կողմէ Էջմիածինի մասին ցուցուած մտադրութենէն, զի Ցիցիանով անգամ մը հեռանալէն ետքը, միւս տարին 1805-ին նոր գունդ կը ղրկէր Էջմիածինի կողմերը` Նիսվիտայէվ զօրավարի գլխաւորութեամբ, որ Շաքիի եւ Ղարաբաղի խանութիւնները նուաճելէ կը դառնար ( ԵՐՑ. Ա. 34), ուր քաջասիրտ եւ առիւծասարաս ամենայն Հայքն Արցախեցիք, մասնակցած էին այլազգիներու դէմ յաղթանակին ( ԴԻՒ. Ե. 457): Ռուս զօրավարը ուղղակի Դաւիթին առաջարկեց մայիս 5-ին` Պարսիկ իշխանութենէն ձեռք քաշել, եւ իր կաթողիկոսութիւնը փոխանակել Ռուսաց պաշտպանութեան ներքեւ հանգիստ ու ապահով վիճակի հետ. սակայն Դաւիթ բացէբաց մերժեց առաջարկը, եւ վտանգի չենթարկուելու համար, նորէն Երեւան գնաց Մահմատ խանի պաշտպանութեան ներքեւ, եւ ամրացեալ բերդին մէջ փակուեցաւ, մինչեւ որ Նիսվիտայէվ` առանց նոր պատերազմի մտնելու, ետ դարձաւ ( ԴԻՒ. Ե. 445), եւ նորէն Էջմիածինի գոյքերէն մաս մը հետը Տփղիս փոխադրեց, Պարսիկների կամայականութեան զոհ չթողնելու համար ( ՄՈՎ. 333): Կը հաւաստուի թէ այս առթիւ միասին տարուած են Դաւիթին սեփական գոյքերն ալ, զորս նա վերջին հապճեպ փախուստին` չէր կրցած միասին Երեւան փոխադրել: Այդ գոյքեր, որոնց մասին Գեղարդակիր վկայած է թէ զգուշութեամբ կը պահուէին, յետոյ մասամբ միայն ետ բերուած են Էջմիածին: Իսկ Էջմիածինի նիւթական կորուստը երկու կողմերու ալ հաւասարապէս պէտք է վերագրենք, որոնք չքաշուեցան անոնցմէ օգտուիլ, քանի որ առանց դրամական զոհողութեանց չէին կրնար իշխանութիւնները իրենց կողմը շահիլ: Նիսվիտայէվի ետ դառնալէն ետքը, նորէն Դաւիթ եկաւ Էջմիածի ն, եւ միշտ աւելի տխուր եւ աւելի աւեր գտաւ վանքին կացութիւնը, որուն վրայ ինքն ալ յուսահատած կ՚երեւի, զի իր գործունէութիւնը նուազեցուցած է, մինչեւ իսկ իր տիրապետական ձգտումներուն մէջ յոգնած ու տկարացած, եւ բռնազբօսիկ կաթողիկոսութենէն ձանձրացած ըլլալու երեւոյթն ունեցած է: Մեզի հասած յիշատակներ, 1805 մայիսէն մինչեւ 1807 մայիսը, երկու տարուան միջոցին մէջ, գրեթէ անգործ կեանք մը կը ներկայեն Դաւիթի մասին: Նա ստէպ Երեւանի մէջ ալ ապրած է, Անապատ անունով ծանօթ վանքին մէջ, որ կաթողիկոսներու քաղաքամիջի օթարանն էր, եւ քանիներու ձեռօք նորոգութիւններ եւ յարդարումներ տեսած էր: Դաւիթ փոփոխակի կը գտնուէր Էջմիածին եւ Երեւան, իր վստահութիւնը ամուր հաստատած Պարսկական պաշտպանութեան վրայ, զոր միայն կաշառքի եւ վաճառքի ոյժով կրնար իրեն նպաստաւոր պահել, զի քաղաքական ուղղութեան փաստը նշանակութիւն չունէր Պարսկական իշխանութեանց աչքին: Այդ մասին գուշակական եղաւ Դանիէլեաններուն ակնկալութիւնը, որոնք Դաւիթի Պարսիկներուն վստահացուցած ըլլալը յիշելով կը գրէին. Յուսամք թէ որով իւիք մեղանչէ ոք, նովիմբ եւ տանջեսցի ( ԴԻՒ. Ե. 455), զի վերջէն վերջ Պարսիկներն եղան Դաւիթը տապալողներն ալ: Անոր ձախողութիւնը սկսաւ երբոր Ֆէթհալի շահ, որ Մահմատի ինքնիշխանութեան ձգտումները չէր կրնար մոռնալ, զայն Երեւանէ հեռացուց, եւ տեղը նշանակեց Մէհտիղուլի անուն իշխան մը ( ԴԻՒ. Ե. 463), եւ միւս տարին 1806-ին այն ալ փոխեց, եւ Երեւանը յանձնեց Մարաղայի իշխան Ահմէտ խանին ( ՄՍՐ. 66), նոյն այն Ահմէտը` որուն պահպանութեան յանձնուած էր Դանիէլ, եւ որ երթալով աւելի համակրանք եւ յարգանք տածած էր անոր վրայ, մանաւանդ իր որդւոյն` Դանիէլի աղօթելէն ետքը հիւանդութենէ բժշկուելուն վրայ:

2285. ԴԱՆԻԷԼԵԱՆՑ ՋԱՆՔԵՐԸ

Ահմէտ խանի այդ ընթացքն էր անշուշտ, որ դիւրութիւն կ՚ընծայէր Դանիէլեանց` Դանիէլի հետ յարաբերութեան մէջ մնալ, եւ հեռուէ հեռու կարեւոր գործառնութեանց ալ ձեռք զարնել: Որոշ չենք գիտեր թէ Դանիէլ զով ունէր իրեն հետ, ամէն առթի մէջ նշանաւոր օգնական մը ունեցած պիտի չ՚ըլլայ իր մօտը, զի գլխաւորներ, հեռու էին, եւ Ռուսաստանի կողմերը` Տփղիսի եւ Նախիջեւանի մէջ կը գործէին. իսկ Մոսկուա եւ Պետրբուրգ` Լազարեաններն էին Դանիէլի պաշտպանները, որոնց գերդաստանին գլուխը կը գտնուէր Մինաս իշխան: Այդ յարաբերութեանց մէջ աւելի կասկած ունեցած կ՚երեւին ազգայիններէն քան Պարսիկներէն, գլխաւորապէս Դաւիթի արբանեակներէն, վասնզի պէտք զգացած էին թղթակցիլ գաղտնածածուկ եւ նորահնար նշանագրովք ( ՄՍՐ. 65), որոնք ուրիշ բան չէին, բայց եթէ կամայական նոր ձեւեր հայկական այբուբենի տառերը փոխանակող, որպէսզի թուղթերը ձեռք ինկած ատեն ալ պարունակութիւնը չհասկցուի: Անշուշտ այդ թղթակցութեանց մէջ գլխաւոր նպատակնին էր իրարու վրայ ծանօթութիւն ստանալ, եւ միանգամայն ազատութեան ձեռնարկներ եւ հնարքներ մտածել. սակայն մենք այդ կէտերով պիտի չզբաղինք, որ մեզ շատ մանրամասնութեանց կրնան տանիլ, եւ մասամբ ալ գաղտնի կը մնան գաղտնածածուկ նշանագիրներու ներքեւ, թէպէտեւ անոնց ընթերցումը լուծելու հետամուտներ, եւ փոքրիշատէ յաջողութիւն ունեցողներ ալ եղան: Մենք զբաղինք հանրութեան պատկանող խնդիրներով, որոնց գլխաւորն էր Էջմիածինի մէջ Սինոդի մը կազմութեան գաղափարը:

2286. ՍԻՆՈԴԻ ԳԱՂԱՓԱՐ

Էջմիածինի մէջ Սինոդ ունենալու առաջին գաղափարը ծագած էր Կ. Պոլսոյ աւագանոյն կողմէն Զաքարիա Կաղզուանցիի թելադրութեամբ, երբոր Ղուկաս կաթողիկոսի ընտրութեան խնդիրին մէջ զխորհրդականս կացուցանելոյ միտքը յայտնեցին ( § 2151): Մենք իր կարգին բացատրեցինք թէ այդ առաջարկը չմոռցուեցաւ երբոր Ղուկասի ընտրութիւնը Զաքարիայի կողմէն ալ ընդունուեցաւ, եւ ընդդիմութեան խնդիր ըլլալէ դադարեցաւ, ինչպէս Աշտարակեցիին վկայութիւնն ալ հաստատած է ( § 2216). թէպէտեւ այն ատեն ոչ սինոդի անունն էր խօսուած, եւ ոչ խորհրդականներուն պաշտօնը ճշդուած: Կ՚ընդունինք եւս, որ եթէ Ղուկասի օրով խորհրդականներու կիսակատար ժողով մըն ալ կազմուեցաւ, յետոյ անոր գոյութիւնը խափանուեցաւ, երբոր Մայրաթոռ երկարատեւ անտէրնջութեան մատնուեցաւ, ընտրողական պայքարներու ներքեւ, որոնց վերջ չկրցաւ դնել Յովսէփի ընտրութիւնը, եւ զոր բոլորովին խանգարեց Դաւիթի բռնի տիրապետութիւնը, եւ կամահաճ կամակոր կառավարութիւնը: Դանիէլի եւ Դանիէելեանց կողմին նպաստաւոր միտք մըն էր, Կ. Պոլսեցիներէ ծագում առած այդ գաղափարը արծարծել, եւ իրենց ունենալիք կառավարութեան մասին կանխիկ եւ հաստատուն երաշխաւորութիւն ընծայել, կաթողիկոսին վարելիք մատակարարութիւնը խորհրդականներու գործակցութեան ենթարկելով: Այդ կէտը անշուշտ խօսուած էր կանուխէն ալ, թէպէտ Դանիէլի օծման առթիւ պատրաստուած գրութեանց մէջ յիշատակուած չենք տեսներ: Խնդիրը ձեռք առնուած կը գտնենք Մարաղայի աքսորանքի միջոցին, իբրեւ նախապատրաստական ոյժ մը կամ իբրեւ ապագային երաշխաւորութիւն մը: Առաջին յիշատակութիւնը կը գտնենք 1805 օգոստոս 16-ին Յովհաննէս եւ Գրիգոր եւ Բարսեղ եպիսկոպոսներէ եւ Ներսէս վարդապետէ` իշխան Մինաս Եղիազարեանին կամ Լազարեանին ուղղուած գիրին մէջ, ուր այդպիսի հաստատութեան համար անոր աջակցութիւնը կը խնդրեն, եւ հարկաւ կանուխէն Դանիէլի միտքն ալ շօշափած էին: Իրենց նպատակն է, որ քահանայապետ առանց բազմութեան եպիսկոպոսաց, եւ եպիսկոպոսք առանց միմեանց եւ առանց քահանայապետի` մի' ինչ իշխեսցեն միայնակ եւ առանձինն կամօք գործել յեկեղեցւոջ ( ԴԻՒ. Ե. 460): Այդ կանոնին իբրեւ փաստ կը յիշեն Թադէոս առաքեալը, Նիկիոյ ժողովը, Անտիոքայ ժողովը եւ Գրիգոր Աստուածաբանը առանց վկայութիւնները առջեւ բերելու, եւ քիչ ետքը կ՚աւելցնեն եւս զխնդիրս Կոստանդնուպոլսոյ իշխանացն Հայոց ( ԴԻՒ. Ե. 461), որով յայտնապէս կ՚ակնարկէ Ղուկասի ընտրութեան առթիւ առաջարկուած կէտերուն ( § 2151): Սուրբ Գիրքին ալ դիմելով առջեւ կը բերեն Ժողովին գրածը, Զի եթէ գլորիցի մին` կանգնեսցէ զնա ընկեր իւր, եւ վա~յ միումն եթէ գլորիցի, եւ ոչ գուցէ միւս` որ յարուցանիցէ զնա ( ԺՈՂ. Դ. 10): Նամակը գրողներ կը յայտարարեն իշխան Մինասի, թէ խորհուրդ տուեալ մեզ` զխորհուրդ սրտից մեր շարժեցիք ( ԴԻՒ. Ե. 462), որով կ՚ակնարկեն անոր յուլիս 20-ին գրած նամակին ( ԴԻՒ. Ե. 459), եւ կը յանձնարարեն որ նոյն խորհուրդը յիշեցնէ առաքելապատիւ հօր մերում Եփրեմ արքեպիսկոպոսի ( ԴԻՒ. Ե. 463): Այսպէս կը սկսի Էջմիածինի Սինոդին ծագումը, թէպէտ տակաւին այդ անունը չունի:

2287. ԴԱՆԻԷԼԻ ԿՈՆԴԱԿԸ

Էջմիածնայ մէջ սինոդ մը կազմելու մտածմունքին հետզհետէ առած ձեւերուն, ոչ մանրամասնութիւնները ունինք եւ ոչ ալ կը սիրենք հետազօտութիւններով գրութիւննիս ճապաղել, ուստի մէկէն կ՚անցնինք 1806 յուլիս 10-ին Դանիէլի Մարագայէ արձակած հայրապետական կոնդակին, որ խորհրդարանական ձեւին հիմնագիրն ու հիմնագիծը կրնայ նկատուիլ: Կոնդակին առաջին մասը ընդարձակ քարոզութիւն մըն է Սուրբ Գրոց օծութեամբ եւ հոգեշունչ յայտարարութիւններով ճոխացած, որուն մէջ ինքնիշխան եւ աղիկամի վարչութեան հետեւանքները կը նշաւակուին, եւ եկեղեցական մարմնոյն միաբան խորհրդակցութեամբ գործելու ձեւը իբրեւ սկզբունք կ՚ընդունուի, համաձայն Կղեմայ հայրապետին 32-րդ կանոնին. Եպիսկոպոսապետն ընդ եպիսկոպոսաց եւ եպիսկոպոսք ընդ եպիսկոպոսապետի զամենայն ինչ խորհրդով եւ միաձայնութեամբ արասցեն ( ԴԻՒ. Բ. 210), որ է Երկրորդ Առաքելականաց 32-րդ կանոնը: Եպիսկոպոսք իւրաքանչիւր ազգի գիտել պարտին զիւրեանց առաջինսն եւ համարիլ պարտին իբրեւ գլխաւոր, եւ մի' ինչ աւելորդ առնել առանց նորա կամաց, այլ եւ ոչ նմա առանց նոցա կամաց առնել ինչ ( ԿԱՆ. 13): Դանիէլ կը խոստովանի կաթողիկոսութիւն վարողներուն անտեղի ընթացքը, որոնք յանդգնեցան ընդդէմ սեպուհ եւ վայելուչ կարգաց` գեղեցիկ եւ աստուածահաճոյ անզգամութեամբ մուծանել զօրէնս ի Սիոն ( ԴԻՒ. Բ. 206), ուստի ինքն ալ, որ կոչուած է որպէս տէր հոգեւոր եւ ծայրագոյն արքեպիսկոպոսապետ եւ ընդհանրական կառավար եւ կաթողիկոս, ես, կ՚ըսէ, սկիզբն յինէն արարեալ, առաջի առնեմ ձեզ, զի ես բոլորեալ կամօք իմովք յօժարեալ եմ եւ ախորժիմ, զի խորտակեալ եղիցի կարողութիւնն բռնաւորական յամենայն իշխանութենէն իմմէ, եւ պակասեսցին ինձ հեթանոսացն պատշաճեալ յանդուգն ուժգնութիւնք ( ԴԻՒ. Բ. 208): Այդ նպատակով խորհրդակից մարմին մը կը հաստատէ, որուն անդամները կը կոչուին` Դատաւորք սրբազան սիւնհոդոսի ( ԴԻՒ. Բ. 212), որոնք պիտի ժողովին յամենայն աւուր, մէջտեղը պիտի դրուին սուրբ Խաչն եւ Աւետարանն Քրիստոսի, եւ գիրք օրինաց եւ կանոնաց սրբոց Հարցն, եւ անոնցմէ ներշնչուելով պիտի քննեն, որոշեն եւ դատեն ամէն խնդիր, գանգատ եւ բողոք, եւ երբ չգուցէ որոշեալ խնդիր ինչ, պիտի զբաղին այն կէտերով, որք պայծառացուսցեն զանշքացեալ Մայր սուրբ աթոռն մեր Էջմիածին, եւ զազգս եւ զեկեղեցի Հայաստանեայց: Նոյն անձեր պիտի ըլլան ամենազգաստ վերակացուք պաշտպանելոյ զամենայն բարութիւնս գտանեցեալս յաթոռ Սուրբ Էջմիածնի, եւ յամենայն ազգս եւ յեկեղեցիս Լուսաւորչերամ հաւատացելոց, եւ բառնալոյ զչարս ներսպրդեալս ի նոսին յառաջնմէ ( ԴԻՒ. Բ. 213): Հետեւապէս կազմուելիք սինոդին իշխանութիւնը պիտի տարածուի, կանոնական եւ դատական բարեկարգական եւ մատակարարական ճիւղերու վրայ հաւասարապէս:

2288. ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՁԵՒԵՐ

Դանիէլ Մարաղայի մէջ, ի բանտէ աստի գերութեան, կրնար խօսիլ զօգուտն ազգի եւ եկեղեցւոյ Հայաստանեայց ( ԴԻՒ. Բ. 206), այլ միջոց չունէր իր խորհուրդը գործադրել. ուստի իր կողմանէ լիազօրներ կը նշանակէ խորհուրդը իրականացնելու, եւ են, Ռուսաստանի առաջնորդ Եփրեմ արքեպիսկոպոսը` որ է Ձորագեղցին, նախորդ պատրիարք Գրիգոր արքեպիսկոպոսը` որ է Խամսեցին, Դաւիթի դէմ մաքառումովը բարեհամբաւեալ ( § 2265) Բարսեղ արքեպիսկոպոսը` որ է Աշտարակեցին, եւ Վրաստանի առաջնորդ Յովհաննէս Արքեպիսկոպոսը` որ է Գեղարդակիրը: Ասոնք վերոյիշեալ ձեւով, խաչ եւ աւետարան եւ կանոնագիրք մէջտեղ դնելով, պիտի ընտրեն յեպիսկոպոսաց եւ ի վարդապետաց արժանաւորները, որ եղիցին դատաւորք սրբազան սիւնհոդոսիս ( ԴԻՒ. Բ. 211): Ասկէ կը հետեւի թէ յիշեալ չորսերը տարբեր տեղեր ըլլալնուն` Էջմիածին նստող մնայուն ժողովին անդամ չէին կրնար ըլլալ. ուստի միայն ընտրելու պաշտօնը կը ստանային: Իրեն համար ալ խօսելով կը յայտնէր Դանիէլ, որ եթէ Յիսուս ընդարձակեսցէ ինձ ի կապանս իմ, պիտի ըլլամ եւ այլովք նպաստամատոյց. եւ ազատեսցէ իսպառ` պիտի աշխատիմ մինչեւ ի մահ իսկ ճգնիլ. իսկ եթէ ոչ, այսինքն եթէ մինչեւ ցմահ աքսորեալ մնայ, միայն ընդ օրհնութեանց եւ աղօթից իմոց, կ՚ըսէ, զայս թողում առ ձեզ ինձ արձան յաւիտենական ( ԴԻՒ. Բ. 213): Նշանակուած չորս ընտրողները տարբեր տեղեր գտնուելնուն, ամէնքը մէկտեղ բերելու եւ գործադրութեան սկսելու պաշտօնը կը յանձնէ Եփրեմի, միեւնոյն յուլիս 10-ին գրուած թղթով մը, ուր յիշելով թէ ընդ իս եւ զձեզ էին ընտրեալ ի կաթողիկոսութիւն Հայոց, կը վկայէ անոր կրկին գերարժանաւորութեան, եւ անոր կը յանձնարարէ, ոչ որպէս փոխանորդի եւ պատկերի, այլ որպէս նոյնիսկ իսկական անձին իւրոյ, սիւնհոդոսը կազմել տալ, իր կոնդակը հրատարակել եւ տարածել, եւ Մինաս իշխանին հետ խորհրդակցելով հաղորդել զայն ուր եւ որոց արժան իցէ. որով կ՚իմանայ Ռուսական կայսեր գիտակցութեան եւ հաւանութեան ենթարկել, որպէսզի գործը աւելի հաստատութիւն ստանայ: Մինաս Լազարեանը պաշտօնապէս կ՚անուանէ փոխանորդ մեր ի դրան ողորմութեան ( ԴԻՒ. Ե. 493), որ Ռուսական արքունիքին մօտ մնայուն գործակատարութեան մը գոյութիւնը կը ցուցնէ: Համաձայն այդ հրահանգի Մինաս պիտի ջանար կայսերական հաւանութեամբ զօրացնել նոր հաստատուելիք մարմինը. ուստի Եփրեմի խորհրդով նախապէս այդ բանին հետամուտ եղաւ: Օրեր կը սահէին ակնկալելով բարձրագոյն հաւանութիւն ստանալ` այդպիսի մի կարգ եւ կանոն մտցնելու սուրբ աթոռում ( ԴԻՒ. Բ. 217), բայց պետական դրութեամբ հնար չէր. զի Երեւան եւ Էջմիածին Ռուսական մարզ չէին: Նոյն իսկ Դանիէլ եւ իրեններն ալ, երբ այդ տեսակ կարեւոր ձեռնարկներու կը հետեւէին, պէտք էր նկատի առնէին թէ Էջմիածին իրենց իշխանութեան ներքեւ չէր, եւ Դաւիթ էր որ հոն կ՚իշխէր, եւ միտքի մօտ չէր որ Դանիէլեան ծրագիր մը Դաւիթեան վարչութեան ատեն իրականանար: Միայն թէ, ինչպէս ակնարկեցինք, Դաւիթին ազդեցութիւնը շատ կոտրած էր, մանաւանդ Մարաղացի Ահմէտին, Դանիէլի բարեկամին, Երեւանի իշխան կամ կուսակալ անուանելէն ետքը. եւ միաբանութիւնը համարձակ իր տժգոհութիւնը եւ դիմադրութիւնը կը յայտնէր Դաւիթի դէմ. եւ ասիկա Դանիէլի եւ Դանիէլեանց համարձակութիւն կու տար Էջմիածինի մասին կարգադրութիւններ մտածել եւ գործադրութիւններ փորձել, թէպէտ Էջմիածին իրենց ձեռքը չէր: Սակայն Էջմիածինէ դուրս ալ միաբանական մարմին մը կար, զի մօտ 65 հոգի էին Էջմիածինէ փախստական միաբանները ( ԴԻՒ. Է. լե ), որոնք Տփղիսի մէջ ազատօրէն յանուն ընդհանուր միաբանութեան Դաւիթի դէմ կը մաքառէին, եւ Դանիէլը կաթողիկոս կը ճանչնային:

2289. ՊԱՐՍԻԿ ԱՐՔՈՒՆԻՔԸ

Ռուսական պաշտպանութիւնն ալ հետզհետէ կը զօրանար, քանի Ռուսները կ՚ընդարձակէին իրենց աշխարհակալութիւնը Կովկասեան գաւառներու վրայ: Կուսակալ իշխան Պօղոս Ցիցիանով, դաւաճանութեամբ սպանուած էր 1806 փետրուարին, Բաքու քաղաքը գրաւած միջոցին, բայց ոչ նուազ բարեկամ մըն էր իր յաջորդը Յովհաննէս Վասիլեան, կամ Իվան Վասիլիչ Գուտովիչ, որ Դանիէլի նպաստաւոր տեղեկութիւն կու տար Պետրբուրգ, երբ այնտեղէն հարցում կ՚ուղղուէր իրեն, թէ երկու կաթողիկոսներից` աւելի որիfl կողմն է հակուած Հայոց ազգը, եւ թէ իflնչ տեսակ աւելի յարմար է վերջ տալ դժուարութեանցը ( ԵՐՑ. Ա. 34): Գուտովիչ երբ պէտք զգաց Պարսիկ արքունիքին հետ ալ խաղաղութիւն հաստատել, պայմաններու կարգը կը մտցնէր Դանիէլի վերահաստատուիլը: Գուտովիչէ ոչ նուազ Դանիէլի պաշտպան մըն էր Ահմէտ խան, որ շահին առջեւ իբր Պարսկական պետութեան նպաստաւոր գործ կը ներկայացնէր Դանիէլի վերահաստատուիլը, քանի որ Դաւիթ զզուելի եղած էր, եւ անկէ փախչելու համար եկեղեցականներ եւ իշխանաւորներ Ռուսական տիրապետութեան սահմանները կ՚անցնէին, ժողովուրդն ալ անոնց կը հետեւէր, եւ ամայի կը դառնային պարսկահպատակ գաւառները: Ահմէտի կը վերագրուի ուրիշ ճարտարութիւն մըն ալ, Դաւիթը անգործութեան մատնելով իր նպատակը առջեւ տանելու: Ահմէտ լուր կը հանէ եւ Դաւիթի ալ կը հաղորդէ, թէ ծերն այն վարդապետ, որ իրեն յանձնուած էր, վախճանեցաւ ողորմելին Մարաղայի մէջ ( ՄՍՐ. 66): Ասով Դաւիթ, արդէն յոգնած իր ճիգերը կը թուլցնէ: Բայց անկախաբար այդ զրոյցէն ալ, երկկողմանի պաշտպանութիւնները Ֆէթհալլի վրայ ազդեցին, որուն համար անտարբեր էր այս կամ այն Հայ եկեղեցականին անձը, եւ սկսաւ համակերպիլ կուսակալին առաջարկին եւ Ռուսական պահանջին: Անշուշտ այդ կացութեան հետեւանքն էր, որ այն ատեններ Դանիէլ Մարաղայէ Մարանդ բերուեցաւ, Էջմիածին տարուելու նպատակաւ, բայց կրկին Մարաղա դարձուեցաւ, զի նոյն օրեր Ահմատ խանն ազլ եղեւ յԵրեւանու, եւ չկրցաւ Դանիէլը Էջմիածին տանիլ, ինչպէս կը գրէ նոյնինքն Դանիէլ 1806 դեկտեմբեր 17-ին: Դանիէլ միջոց մը եւս շարունակեց մնալ յառաջին բնակութիւնն ի տան Ահմատ խանին, վայելելով Օրտու խանի հոգածութիւնը, որ Ահմէտի կողմէն իրեն խնամածուն էր եղած. կիրակիները եկեղեցին կ՚երթար, եւ նորէն իր տեղը կը դառնար ( ԴԻՒ. Է. 502): Ահմէտ ազլ ըլլալէն կամ պաշտօնէ ելլալէն ետքն ալ, որ իր կամքով տեղի ունեցաւ Երեւանի օդին դիմանալ չկրնալուն համար, շարունակեց Դանիէլի համար միջնորդել, իրեն ձայնակից ունենալով Երեւանի նոր կուսակալ Հիւսէյին Սարտարը, եւ այս միջնորդութիւններով 1867 ապրիլին ստացուեցաւ թալղա, որ է արքունական հրովարտակը, Դանիէլը իբր կաթողիկոս Էջմիածին նստեցնելու: Ըստ սովորութեան պաշտօնական խիլա եւ ուրիշ ընծաներ ալ տրուեցան անոր, եւ հրաման եղաւ զայն պատուով եւ հանդէսով Երեւան առաջնորդել: Այսպէս Դաւիթի տապալումը պատրաստուեցաւ նոյնիսկ Պարսիկներուն կողմէն, որոնց վրայ դրած էր նա իր բոլոր յոյսը, եւ անոնք շահելու համար ծախսած էր` իր եւ եղբօրը անձնական եւ Էջմիածինի աթոռական ստացութիւններէն ու հարստութիւններէն մեծամեծ գումարներ