Ազգապատում. հատոր Բ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ՄՈՎՍԷՍ Գ. ՏԱԹԵՒԱՑԻ

1653. ՄՈՎՍԷՍ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Մայրաթոռին անտէրունջ եւ անիշխան վիճակը, կաթողիկոսի անունը կրողներուն տկարութիւնն ու խուսափիլը, եւ Մովսէսի շինարար գործունէութիւնը եւ հարիւր թուման տարեկանը ջնջելու անօրինակ յաջողութիւնը, այնպիսի բացառիկ պարագաներ էին, որ իրաւամբ Մովսէսը երկնառաք հրեշտակի մը պէս կը նկատուէր ամբողջ Հայութեան կողմէն, եւ այդ հանրային կարծիքին թարգմաններն էին Նոր-Ջուղայի եւ ուրիշ քաղաքներու իշխանաւորները, որոնք Շահսէֆիէ Մովսէսի կաթողիկոսացման համար արքունի հաւանութիւնը խնդրեցին եւ ստացան ( § 1648): Բայց կ՚երեւի որ Մովսէս տակաւին կը վարանէր պաշտօնապէս անունն ու օծումը ընդունիլ, թէպէտ գործով կաթողիկոսութիւնը կը վարէր, եւ Մայրաթոռի ամէն տեսակ հոգածութիւնները կը կատարէր: Որոշ կերպով չի յիշեր պատմիչը թէ անձնական համեստութեան զգացումն էր, որ Մովսէսի վարանումին պատճառ կ՚ըլլար, թէ ոչ կանոնական երկիւղածութիւն մըն էր, որ զինքն կը կասեցնէր, երբ անդին երկու անձեր կային, որոնք կաթողիկոսութեան անունը կը կրէին, Դաւիթ Ասպահանի եւ Սահակ Վանի մէջ: Որն եւ ըլլայ բուն շարժառիթը Մովսէս 1628 աշունին յաջողութեամբ Ասպահանէ Էջմիածին դառնալով եւ ազգային կամքը գիտնալով եւ արքունական հաւանութիւնը ստացած ըլլալով ալ, տակաւին ժամանակ մը անցուց իր վերջնական որոշումը եւ զիջողութիւնը յայտնելէ առաջ: Այդ միջոցին կ՚իյնան այն թուղթք աղերսանաց, զորս պատմիչին վկայութեան համեմատ, արք երեւելիք, եկեղեցականք եւ աշխարհականք, ստիպաւ կը ղրկէին ի Պարկաստանայ, ի Վրաստանայ, ի Քրդստանայ, ի Հոռոմաստանայ, եւ յամենայն աշխարհաց, եւ խնդրէին եւ աղաչէին զի մի եւս պատճառս յօդեսցէ, այլ վասն հաստատութեան հաւատոյ եւ կարգի եկեղեցւոյ յանձն առցէ զկաթողիկոսութիւնն ( ԴԱՎ. 239): Այդ վերջին ակնարկները, թէպէտ քօղարկեալ ոճով, բայց յայտնի միտքով կը վկայէին, թէ եկեղեցին անտէր անտէրունջ էր, եւ այսպէս մնալ հնար չէր, պարագաներն ալ դժուարին էին, ուստի այդ կացութեան վերջ տալու կտրուկ միջոցը, պաշտօնապէս ընդունել եւ հռչակելն էր, ինչ որ Մովսէս իրապէս եւ գործնականապէս կը կատարէր, եւ որուն համար պէտք եղած հաւանութիւնն ալ ստացուած էր տիրող կառավարութենէն: Այդ պատճառաբանութիւնն է հարկաւ, որ վերջիվերջոյ Մովսէսի միտքին վրայ ալ ազդեց, եւ զիջաւ ընդհանուր թախանձանքին, եւ 1629 յունուար 13-ին, Ծննդեան ութօրէքին, երեքշաբթի օր, օծմամբ ամենասուրբ Հոգւոյն Աստուծոյ օծաւ հայրապետ Ամենայն ազինս Հայոց ( ԴԱՎ. 239): Հարկաւ այդ առթիւ լիակատար կերպով գործադրուեցան բոլոր ծիսական եւ կանոնական պայմանները, որոնց ամէնէն նախանձախնդիր պաշտպանը` ինքը Մովսէսն էր, բայց մեզ չեն հասած մասնակցող 12 եպիսկոպոսներուն եւ անոնց երիցագոյնին անունները: Նմանապէս ընտրութեան եւ օծման մասնակցող իշխանաւորներուն եւ բազմութեան մասին ալ որոշ տեղեկութիւններ չունինք: Մովսէսի օծման թուականը 1629 յունուար 13–ին որոշ գրուած է Դավրիժեցիէն, եւ նոյնութեամբ կրկնուած զանազան տեղեր ( ԴԱՎ. 338) եւ համեմատուած ուրիշ թուականներու հետ, եւ հաստատուած Երեւանեցիէն ( ՋԱՄ. 20-21), ուստի տարօրինակ կը թուի Ալիշանին զայն 1630-ին յետաձգելը ( ԱՐԱ. 231): Անշուշտ այս բանին պատճառ տուած է Դավրիժեցիին մէջ տեսնուած շփոթութիւնը, որով 1629 յունուար 7-ին կը դնէ Շահաբասի մահը ( ԴԱՎ. 237), 3-ին Մովսէսի օծումը ( ԴԱՎ. 239), եւ 19-ին Շահսէֆիի գահակալութիւնը ուղղելու համար աւելորդ էր Մովսէսի օծման թուականը փոփոխել, քանի որ արտաքին պատմագիրներու հետեւողութեամբ պէտք էր 1628-ին կանխել Շահաբասի մահը եւ Շահսէֆիի գահակալութիւնը, ինչպէս մենք ալ դիտել տուինք ( § 1648):

1654. ԳԱՀԱԿԱԼԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔ

Մովսէս կաթողիկոսը իր օծման թուականէն իբր գահակալ կը նկատենք, թէպէտեւ մենք ամէն առիթի մէջ գահակալի մը մեռնելէն կամ ժողովով մերժուելէն առաջ ուրիշ մը գահակալ ընդունելէ խորշած ենք: Այս պարագայիս մէջ ալ գիտենք, թէ Դաւիթ Դ. Վաղարշապատեցին, որ վերջին գահակալն էր, տակաւին կենդանի էր Ասպահանի մէջ, երբ Մովսէս կօծուէր Էջմիածին: Գիտենք եւս թէ կանոնական ժողով մը չգումարուեցաւ Էջմիածինի մէջ, կանոնապէս Դաւիթը գահընկեց հրատարակելու եւ Մովսէսը գահակալ հռչակելու համար: Սակայն բացառիկ պարագաներ բացառիկ դարման եւ բացառիկ կնճիռներ բացառիկ լուծում կը պահանջեն, եւ այս հանգամանքը կը ճշմարտուէր այդ միջոցին: Տարի մը ամբողջ անցեր էր, որ աթոռը տիրապէս անտէրունջ էր: Անիկա որ բուն գահակալ կը նկատուէր, սկիզբէն իվեր կամկար ու ապիկար, շատոնցուընէ իվեր իսպառ ձեռնթափ իննսնամեայ զառամեալ վիճակի մէջ, կ՚ապրէր հեռաւոր Ասպահանի մէջ, եւ կար իբրեւ թէ չկար, ոչ իրաւունքին տիրութիւն կ՚ընէր եւ ոչ տիրութիւնը ընելու կարողութիւն ունէր: Միւսն ալ` որ կաթողիկոսութեան իրաւունք էր առած փախստական Մելքիսեդեկի կամքով միայն, ազգին ոչ մի բաժին կողմէն ընդունելութիւն չէր գտած, ամէնէն մերժուած էր, եւ միայն արքունական հրամանին վրայ կը հիմնուէր: Սա ալ իւրովի փախած ու ձեռնթափ եղած ըլլալէ զատ, իր միակ ոյժն եղող արքունի հրամանն ալ կորսուած էր, Մովսէսին կաթողիկոսութեան Շահսէֆիէ հաստատուելովը: Այս պարագաներ լուսաւոր կերպով կը հաստատեն թէ Մայրաթոռին նոր կազմակերպութիւն տալը անհրաժեշտ պահանջ էր, իսկական պարագաներէ առաջ եկած: Միւս կողմէն դիւրութիւն եւ հնարաւորութիւն ալ չկար, զանազան երկիրներէ եպիսկոպոսներ եւ վարդապետներ եւ իշխանաւորներ հաւաքելով կանոնական ժողով կազմելու, եւ գահընկեցութիւն եւ գահակալութիւն վճռելու, եւ պէտք էր հնարաւոր եղած գործնական միջոցներով գոհանալ: Պէտք եղած փաստերէն մէկն էր` կաթողիկոս կարծուողներուն գործնականապէս գահազուրկ նկատուիլը, եւ ընտրելի կաթողիկոսին գործնականապէս գահին տէր գտնուիլը: Իսկ ժողովական որոշման տեղը կը բռնէր ընդհանուր կարծիքին առանց բացառութեան համամիտ եւ համակամ եւ համաձայն յայտնուիլը, ամէն կողմերէ գրաւոր դիմումներ հասնիլը, եւ ոչ մի կողմէ հակառակութիւն լսուիլը: Այս պարագաները կշռադատելէ եւ ուսումնասիրելէ ետքը, մենք ալ վճռաբար կրնանք ըսել, որ եթէ ոչ նիւթապէս հաւաքուած ժողովով, ժողովական որոշման համահաւասար զօրութեամբ` ամենայն ազգ Հայոց, որք յԱրեւելս եւ յԱրեւմուտս կային, միաբանեցան թղթով եւ բանիւ, եւ արարին զՄովսէս վարդապետն կաթողիկոս, եւ հաստատեցին ի Սուրբ աթոռն Էջմիածին ( ԴԱՎ. 182): Ահա թէ ինչու իր օծման օրէն իբրեւ գահակալ կ՚արձանագրէնք Մովսէս Գ. Տաթեւացի կաթողիկոսը: Անոր մակդիր անունը ոմանք Սիւնեցի կը գրեն, հայրենական նահանգէն առնելով ( ԱՐԱ. 231), ոմանք ալ Խոտանանցի գրեցին ծննդավայր գիւղէն առնելով ( ՉԱՄ. Բ. 233), սակայն մենք կը պահենք Տաթեւացի կոչումը, իր առաջին գործունէութեան տեղէն առնուած ( § 1615), որ ծիսական կիրառութեամբ ալ նուիրագործուած ( ԺԱՄ. 591) եւ ընդհանրացած է:

1655. ՍԱՀԱԿԻ ՇԱՐԺՈՒՄԸ

Սահակ Գառնեցին Երեւանէ եւ Մայրաթոռէ գաղտագողի փախչելով, Վան ապաւինելէն ետքը ( § 1647) ամբողջ 1628 տարին շրջելով անցուց այսր եւ անդր յաշխարհս եւ ի քաղաքս, որ կային ընդ իշխանութեամբ Օսմանցւոց ( ԴԱՎ. 183), բայց միշտ Վանի եւ Բաղէշի շրջակաները մնաց, առանց համարձակելու աւելի յառաջել, եւ ոչ ալ Կոստանդնուպոլիս երթալ մտաբերեց, ինչ որ կը ցուցնէ թէ լաւ ընդունելութեան չէր հանդիպեր եւ քաջալերութիւն չէր գտնէր: Եպիսկոպոսներէն եւ վարդապետներէն զարս ոմանս գտաւ իրեն հետեւող մասնաւոր շահերու ակնկալութեամբ կապուածներ, բայց կատարիչք գործոյն չէին: Սահակ երբ Մովսէսի օծուիլը լսեց, եւ դիմադրութեան գործակիցներ փնտռեց, մերժումի հանդիպեցաւ, միայն Պօղոս Այնթապցի` վարդապետ մը գտաւ իրեն օգնական, Յովհաննէս Այնթապցի Կիլիկիոյ կաթողիկոսին եղբօրորդին, որ է ըսել Մայրաթոռոյ հպատակութենէն դուրս մէկը: Սա յանձնառու եղաւ Կ. Պոլիս երթալ եւ այնտեղէն հրովարտակ հանել, եւ Սահակի կաթողիկոսութիւնը ճանչցնել տալ: Պէտք է նկատի առնել, թէ այս կերպով Սահակ Մայրաթոռի կաթողիկոսութեան կարծեցեալ իրաւունքը պաշտպանել չէր գիտեր, քանի որ Օսմանեան հրովարտակով Պարսկական կառավարութենէ ճանչցուած չէր ըլլար, այլ միայն նոր հերձուած մը պիտի ստեղծեր եկեղեցւոյ մէջ, Օսմանեան գաւառները Էջմիածինի աթոռէն զատելով, եւ նոր կաթողիկոսական աթոռ մը հաստատելով Գլակայ Ս. Կարապետին մէջ, ուր միւռոն ալ պիտի օրհնէր, եւ պիտի խափանէր զնուիրակն եւ զիշխանութիւն Սուրբ աթոռոյն Էջմիածնի ( ԴԱՎ. 184): Զաքարիա Վանեցին, Մելքիսեդեկին եւ Խուլին գործակիցը, որ ժամանակին պատրիարքն էր ( § 1642), հաճութեամբ ընդունեցաւ Պօղոս Այնթապցի պատուիրակը, եւ հաւանեցաւ օգնել Սահակի միտքին, քանի որ Մովսէս կաթողիկոս Կեսարացիին աշակերտն ու բարեկամն էր ( § 1603), եւ ինքն պատրաստ էր որեւէ կերպով Կեսարացիին հակառակ բան մը ընել: Պատրիարքի մը դժուար չէր կայսերութեան սահմանին մէջ եղող հոգեւոր պետերու համար հրովարտակներ ընդունիլ իր պատասխանատուութեամբ, ուստի Սահակի համար ալ պէտք եղած հրամանագիրը ստացուեցաւ սուլտան Մուրատ Դ. ի կառավարութենէն ( ԴԱՎ. 183), միայն թէ մեծ եպարքոս Խուսրէվ փաշա 1629 յունիս 9-ին Կ. Պոլիսէ մեկնած էր Միջագետքի ապստամբ Քիւրտերուն եւ Պարսիկներուն դէմ պատերազմին պատճառաւ ( ԺՈՒ. 225), եւ հրովարտակը առանց անոր հաւանութեան տրուած էր: Երբոր Սահակ Վանի մէջ իր չար գործոյն համար Պօղոսը ճամբայ հանած էր, Վանայ գլխաւորներ, որոնց մէջ անուանէ կը յիշուին Ամիրխան Խանենց, Թումէ, Շիրաք, Միրաք, Փօլատ, եւ Սարուխան, եղածը լսելով` շատ աշխատեցան Սահակը ետ կեցնել, իր միտքէն, զի զհակառակութիւն եւ զխռովութիւն թողցէ: Մովսէսէ ղրկուած Էջմիածինի նուիրակ Փիլիպպոս Աղբակեցի վարդապետն ալ իրենց հետ առնելով, Սահակի խոստացան որ Վանայ մօտ Գուրուպաշի Ս. Խաչ վանքը իւրովքի մտիւքն իրեն յանձնեն, նուիրակն ալ առանձինն տարեկան 300 ղուրուշ վճարել խոստացաւ, որպէսզի եկեղեցւոյ մէջ նոր բաժանում եւ երկպառակութիւն չստեղծէ, բայց նա ոչ դաձաւ ի չար դիտաւորութեանց խորհրդոց իւրոց, լսած ըլլալով իր պատուիրակին հրովարտակը բերելով ետ դառնալը ( ԴԱՎ. 182):

1656. ՍԱՀԱԿԻ ՁԱԽՈՂԻԼԸ

Սահակ Վանէն եւ Պօղոս Կ. Պոլսէն գալով, իրարու միացան Տիարպէքիրի մէջ, ուր էր Խուսրէվ մեծ եպարքոսը, որպէս զի ստացուած հրովարտակին գործադրութիւնը հրամայել տան: Այս անգամ Տիարպէքիրի իշխանաւորներէն Երեմիա եւ Մաքսուտ, եւ Վանեցի Ռուհիջան, եւ քաղաքին առաջնորդը Բարսեղ Ամդեցի` Սրապիոնի աշակերտ եւ յաջորդը ( § 1584), ուրիշներով մէկտեղ սկսան Սահակէ խնդրել որ վտանգաւոր դիտումէն եւ Հայ եկեղեցւոյ մէջ հերձուած ստեղծելէն ետ կենայ, եւ խոստացան որ ի քաղաքաց կամ ի վանօրէից որում եւ հաճեսցի` ինքեան լիցի թեմօք եւ վիճակօք, եւ նուիրակ Էջմիածնի մի մտցէ ի նա, այլեւ տարին 500 ղուրուշ թոշակ վճարուի Էջմիածինէ: Նոյն ինքն Մովսէս կաթողիկոսէ եւ Փիլիպպոս նուիրակէ ալ նամակներ հասան, թէ ուղղակի Սահակի գրուած եւ թէ բարեկամներու ուղղուած, Սահակը համոզելու համար: Սակայն ամէն ճիգեր պարապի ելան, եւ Սահակ գրաւոր կերպով Խուսրէվի դիմեց հրովարտակին գործադրութիւնը պահանջելու, 10, 000 ղուրուշ ալ տարուէ տարի տուրք խոստանալով: Երբոր Բարսեղ եպիսկոպոս եւ իշխանաւորներ ալ մեծ եպարքոսին դիմեցին` Սահակի գործերն ու նպատակը բացատրելով, եւ ժողովուրդին գալիք վնասները ցուցնելով, Խուսրէվ կը պատասխանէ. Անխելք Հայեր, ինչպէflս մերժեմ, զի նոքա ի տարւոջն զ10, 000 ղուրուշ յաւելուն ի գանձանակն, որուն կը պատասխանէ Ռուհիջան, որ եթէ Հայոց ազգը վասն գանձի վաճառէս, ես 20, 000 ղուրուշ տամ ( ԴԱՎ. 186): Նկատողութեան արժանի է, թէ ինչ սկզբունքով կը տրուին եղեր պետական որոշումները: Երբոր Խուսրէվ որոշումը կը յետաձգէ, Ռուհիջան դիտել կու տայ եւս, թէ ինչ միտքով արդեօք Սահակ, առանց նախապէս իրեն դիմելու, ուղղակի Կ. Պոլիս դիմած է: Խուսրէվ իրօք կը սրտմտի, եւ Սահակը ատեան կոչելով կը սկսի յանդիմանել, թէ ինչոflւ զինքն անարգելով ուղղակի թագաւորը ձանձրացնելու մարդ է ղրկած: Իսկ երբ Սահակ գոհացուցիչ բացատրութիւն մը չի կրնար տալ, կը հրամայէ ղրկողն ալ գացողն ալ դնել ի Ֆալախա եւ բրածեծ առնել: Հրամանը կը սկսի գործադրուիլ անողորմ եւ ուժգին կերպով, եւ ըստ սովորութեան ուրացութիւնը կ՚առաջարկուի իբրեւ ազատութեան պայման: Այս անգամ գանգատաւորները վախնալով թէ Սահակ եւ Պօղոս կրնան տկարանալ, արծաթս բազումս խոստանալով եւ ցրուելով, եւ միջնորդներ ճարելով, կը յաջողին որ Խուսրէվ հրամայէ երկուքն ալ արձակել ի տանջանաց, եւ ի բաց վարել ի դրանէ դիւանին եւ այսպէս հարկանելով եւ ձաղելով դուրս կը հանուին: Այս կերպով Սահակ եւ Պօղոս ոչ միայն նպատակնուն չհասան, այլ եւ ոչ համարձակէին շրջիլ ի մէջ մարդկան վասն ամօթօյ ( ԴԱՎ. 188): Սիմէոն Սեբաստացի` Կիլիկիոյ կաթողիկոս իր մէկ գրուածին մէջ Էջմիածինի կաթողիկոսները կը յանդիմանէ, թէ զՍահակ կաթողիկոսն եւ զՊօղոս վարդապետն տաճկըցնել տուիք, եւ ազգի ազգի տանջանօք հաւատոցն ուրացուցիք (04. ԱՐՐ. 746), սակայն Դավիժեցիին պատմութիւնը կը ստէ անոր ըսածը, մանաւանդ թէ նոյնիսկ Էջմիածինի կողմնակիցները վտանգին առջեւն առնելու աշխատած են: Նոյնպէս անտեղի է նոր գրողի մըն ալ ըսելը, թէ եպարքոսը կաշառուելով Մովսէսի կողմնակիցներէն` բրածեծ ըրաւ երկուքըն ալ, ստիպելով որ հաւատքն ուրանան, եւ թէ հազիւ կաշառքով ազատուեցան: Զի ընդհակառակն Դավրիժեցիին պատմածին համեմատ, ուսկից նոր գրողն ալ իր ըսածները քաղել կը ցուցնէ (11. ԱՄՍ. 75), ազգին մէջ բաժանում եւ հերձուած ստեղծելու համար կաշառք խոստացողը ինքն Սահակն էր եղած, եւ իր ազատութիւնն ալ իր հակառակորդներուն միջնորդութեամբը ստացաւ: Նոր գրողը այնպէս իմն կարծել կու տայ, իբր թէ Սահակի կաթողիկոսական իրաւունքը բռնաբարուած ըլլայ, մինչ այսպիսի իրաւունք մը չունէր Սահակ ( § 1654), եւ վերջին անգամ ալ հետապնդածը Մայրաթոռոյ գահակալութիւնը չէր, այլ Օսմանեան գաւառներուն մէջ, Կիլիկիոյ եւ Աղթամարի իրաւասութիւններէն դուրս մնացած մասերուն վրայ, հակաթոռ եւ բաժանեալ նոր կաթողիկոսութիւն մըն ալ ստեղծել: Այդ դիտումին հանդէպ ալ Վանի եւ Տիարպէքիրի ազգայնոց կողմէն եղած ընդդիմութիւնը, Սահակին ամէնէն մերժուած եւ ամէնէն անարգուած ըլլալուն յայտնի ապացուցութիւնն է, եւ անբացատրելի կը դառնայ վերոյիշեալ նոր գրողին այսպիսի մէկու մը պաշտպանութիւնը ստանձնելը: Սահակի արկածին պատմութիւնը փակելու համար աւելցնենք, թէ անոր իբր թուական կրնանք նշանակել 1630-ին սկիզբը ձմեռնային ամիսները, երբ Խուսրէվ Տիարպէքիրի մէջ կը ձմերէր:

1657. ՄՈՎՍԷՍԻ ԳՈՐԾԵՐԸ

Մովսէս Տաթեւացիի կաթողիկոսական գործունէութիւնը պատմելու մտած ատեննիս, պէտք է նախապէս յիշենք թէ Մայրտաճարին եւ Մայրաթոռին նիւթական եւ բարոյական բարենորոգման եւ բարեկարգութեան մասին յիշուած ձեռնարկները, որոնք 1677 յունիս 25-ին սկսան, եւ որոնց մանրամասնութիւնները տւինք ( § 1645), հնար չէր որ մինչեւ 1629 յունուար 13 լրացած ըլլային, մանաւանդ որ միջանկեալ տարիուկէս ժամանակին մեծ մասը Ասպահան անցուց 100 թուման տուրքը ներել եւ ջնջել տալու համար: Հետեւաբար անոնց շարունակութիւնը եւ լրումը կաթողիկոս օծուելէն ետքը կատարուած պիտի ընդունինք: Այդ առթիւ գիտցաւ Մովսէս օգտուիլ այն մեծ խանդավառութենէն, որ ազգին մէջ բորբոքեցաւ իր կաթողիկոսանալուն պատճառով, եւ իր շուրջը գտնուող բազմաթիւ միաբանները եւ աշակերտները` նուիրակ ցրուեց ամէն կողմեր, որ նպաստներ հաւաքեն Էջմիածինի նորոգութեան համար, որ նոր էր սկսեալ, կը շեշտէ Դավրիժեցին ալ ( ԴԱՎ. 182), ինչպէս մենք ալ դիտել տուինք: Եւ որովհետեւ ամէնքը միանգամ բացատրած ենք, կրկին վերադառնալ աւելորդ կը նկատենք: Մովսէսի գործունէութեան մի մասը կը կազմեն նաեւ զարքունական եւ զդատաւորական եւ զայլս գրեանս ստանալու համար ըրած աշխատութիւնները եւ թափած ջանքերը, որոնք մեծ նշանակութիւն ունին Մայրաթոռին կալուածական եւ ստացական իրաւունքներուն համար, եւ զորս Երեւանեցին մանրամասնօրէն կը քաղէ ( ՋԱՄ. 22), այլ մեզ դժուար է այդ մանրամասնութեանց հետեւիլ: Բաւական ժամանակէ ի վեր Մայրաթոռի մէջ տիրող անկարգութիւնները, մանաւանդ վերջի ժամանակներուն մէջ Դաւիթի եւ Մելքիսեդեկի եւ Սահակի անխորհուրդ վատնելը եւ գրաւի տալը, ազգային ստացութեանց մեծ մասը վտանգի ենթարկած էր, ուստի մանրազննին եւ խղճամիտ գործունէութեան պէտք կար, պատշաճ կերպերով եւ օրինական ձեւերով անոնք ազատել, ապահովել եւ հաստատել վաւերական կալուածագիրերով: Թէպէտ այդ մասին Մովսէսի յաջորդներն ալ գովանի փութաջանութիւն ունեցան, բայց անոնց սկզբնաւորութիւն տուած ըլլալու եւ ուղղութիւն հաստատած ըլլալու պարծանքը իրաւամբ Մովսէսի պիտի վերագրուի:

1658. ՔԱՂՈՒԱԾ ՇԱՐԱԿԱՆՆԵՐ

Մովսէսի եկեղեցական բարեկարգութեանց կարգին կը յիշուի եւս թէ եկեղեցին պայծառացոյց յարմար եւ հաստատուն ժամակարգութեամբ ( ԴԱՎ. 210), որ կը ցուցնէ թէ հասարակաց աղօթից կարգաւորութեանց մէջ ալ Մովսէսէ հաստատուած կանոններու հետք մը պէտք է տեսնել: Սակայն չենք ուզեր հետեւցնել, թէ Մովսէս նոր կարգադրութիւններ աւելցնելու միտք ունեցած ըլլայ, այլ միայն խաթարեալ եւ խանգարեալ կարգերը խնամով իրենց նախնի դրութեան վերածելու աշխատած է: Մէկ կարգադրութիւն մը միայն իրեն կը վերագրուի, այն է Օրհնութիւն շարականներուն քաղուածը, որուն համար Խաչատուր Կեսարացի վարդապետ, Մովսէսի աշակերտն ու գործակիցը կը վկայէ, թէ սա ինքն սուրբ հայրս մեր սահմանեաց տասն շարական ասել Օրհնութիւն, գլխաւոր պատճառ ցուցնելով Ստեփանոս Սիւնիի պատրաստած տասը պատկերով Աւագ օրհնութիւնները: Բայց որչափ ալ Խաչատուր Կեսարացի կը կրկնէ թէ սրբազան հայրս կանոնեաց ( ԺՄԳ. 694), սակայն այդ կարգադրութիւնը Մովսէսի ինքնաստեղծ գիւտը եղած չէ, վասնզի անկէ առաջ Սարգիս Պարոնտէր Մեծ-Անապատի մէջ սահմաներ էր ըսել Օրհնութիւն ըստ խորհրդոյ աւուրն, եւ ի վերայ քաղուածք շարականաց ( ԴԱՎ. 196), որով Մովսէս անոր հետեւողութեամբ ընդարձակած կ՚ըլլայ Մեծ-Անապատին սովորութիւնը, ուր ինքն ալ միաբանած էր ( § 1620): Միայն թէ Մովսէս ալ քաղուածը իբր պարտաւորիչ չէ հրամայած, զի Խաչատուր Կեսարացին ալ կը գրէ. Եթէ հաճեսցին կամք եղբայրութեան ձերոյ, Տեառն գոհութիւն, եւ եթէ ոչ ախորժիցէք` կամք ձեր եղիցին ( ԺՄԳ. 694): Մովսէսէն ետքն ալ նոր պատուէր մը չունինք քաղուածին մասին, այնպէս որ այժմ լոկ հնացեալ սովորութեամբ իբր պարտաւորիչ նկատուած է, մինչ պէտք էր զայն իբր կամաւոր հանդիսականութիւն կամ իբր բարեպաշտական յաւելուած նկատել Մովսէսի կարգադրութեամբ:

1659. ՀՌՈՄԻ ՀԵՏ

Ինչինչ յարաբերութիւններ ալ կը վերագրուին Մովսէսի Հռոմի պապութեան հետ, որոնց մեծ կարեւորութիւն կ՚ընծայեն հռոմէադաւաններ` յօգուտ գործածելով անոր անունն ու հռչակը: Չամչեանի անորոշ եւ անստուգելի աղբիւրներէ քաղած պատմութեան համեմատ, Մովսէս առաջին թուղթ մը գրած կ՚ըլլայ 1629-ին իր հայրապետութեան սկիզբը, դարձեալ միւս եւս թուղթ անկէ ետքը, որուն վրայ 1631-ին Պօղոս Փիրօմալլի (padre Paolo Piromalli) լատին Դոմինիկեան քահանայ մը կը ղրկուի Ուրբանոս պապէն, որուն Մովսէս շատ մը լատինամիտ յայտարարութիւններ ըրած կ՚ըլլայ, եւ որուն ձեռքը կը յանձնէ նոր թուղթ մը, 12 եպիսկոպոսներէ ալ ստորագրուած: Իբր թէ Փիրօմալլի այդ թուղթը կը տանի Նախիջեւանի Ունիթորներուն, եւ անկէ կը ղրկէ Հռոմ, եւ կրկին Էջմիածին դարձած ատենը, այլազգի իշխանին կողմէ կասկածաւոր կը նկատուի, կը գանակոծուի եւ կը բանտարկուի, եւ հազիւ 22 ամիս ետքը կրնայ ազատութիւն ստանալ ( ՉԱՄ. Գ. 611): Մովսէսի 12 եպիսկոպոսներու հետ գրած վերջին թուղթը, որ Չամչեանի պատմութեամբ 1631-ին գրուած էր, ուրիշներ 1629-ին կը տանին ( ՊԼՃ. 270) եւ Փիրօմալլիի գալուստը, որ Չամչեանէ 1631-ին դրուած էր, ուրիշներ 1640-ին կը յետաձգեն ( ԿԱԹ. 162): Իսկ գրչագիր մը, որ ժամանակակից է, 1628-ին կը դնէ հանդերձ երկոտասանիւք եպիսկոպոսօք Մովսէսի նամակը ( ՏԱՇ. 111), երբ Մովսէս դեռ կաթողիկոս չէր: Մովսէսի նամակներէն ոչ մի պատճէն յառաջ բերուած չէ, որ անոնց թիւն ու թուականը ու պարունակութիւնը ստուգէինք, իսկ իրարու հակառակ տեղեկատուներ օրինաւոր կասկածի իրաւունք կու տան ըսուածներուն ստուգութեան վրայ, կասկած մը որ աւելի եւս կը զօրանայ ազգային պատմիչներուն պահած լռութեամբը: Մելքիսեդեկի նամակներուն համար ըրած դիտողութիւննիս, թէ անոնք Մելքիսեդեկի արգելքի ներքեւ եղած ատեն Զաքարիայի ձեռքով կազմուած էին ( § 1608), հաւանական կը ցուցնէ, թէ կաթողիկոսներու անունները շահագործող ուրիշ լատինամոլ գործիչներ եւս եղած են, երբ տեղերու հեռաւորութիւններ եւ յարաբերութեանց դժուարութիւններ անհնար կ՚ընէին որեւէ բաղդատական ստուգութիւն: Բայց առանց այս դիտողութեանց ալ, իրարմէ շատ տարբեր բաներ են, նամակի մը մէջ շռայլուած քաղաքավարի բացատրութիւններ, եւ հաւատոյ պաշտօնական դաւանութիւններ: Մովսէս իր հայադաւան եկեղեցւոյ դրութիւնը բարձրացնելու եւ պայծառացնելու աշխատող մը, երբեք զայն ուրանալու կամ փոփոխելու միտքը չէ ունեցած, այլ եղած է միշտ ինչ որ էր, հայադաւան եկեղեցւոյ հաւատարիմ ախոյեան: Բայց կրցաւ Լատին աշխարհին բարեացակամութիւնը փնտռել, թէ իր դիրքին ոյժ մը գտնալու յուսով, եւ թէ Եւրոպիոյ մէջ եղող Հայ գաղութներու դիրքը պաշտպանելու համար: Մովսէս կրնար ալ, Չամչեանի պատմածին համեմատ, Փիրօմալլիի յայտարարել թէ անխախտ ունիմք զմիակամութիւն սիրոյ ընդ մեծի Հռոմայ աթոռոյն ( ՉԱՄ. Գ. 611), վասնզի Հայ եկեղեցւոյ սկզբունքով` սիրոյ միաբանութիւնը կը պահուի միւս եկեղեցիներու հետ, առանց անոնց դաւանութիւնը ամբողջաբար ընդգրկելու, բաւականանալով հիմնական կէտերու վրայ համաձայնութեամբ: Մովսէս կրնար եւս պապութեան հետ յարաբերութիւնները մշակել, Ուրբանոս Ը. պապէն Արեւելցիներու համար բացուած դպրատունէն օգտուելու համար ( ՉԱՄ. Բ. 24): Օտարազգի վարժարաններ դիմելը նպատակ ունի միայն ուսումնական զարգացումը, եւ ոչ թէ օտար դաւանութեան հետեւողութիւնը, բան մը որ մինչեւ մեր օրերն ալ կը ճշմարտուի:

1660. ԼԵՀԱՀԱՅՈՑ ՀԱՄԱՐ

Ուրիշ պարագայ մըն ալ կար, որ Մովսէսը կը ստիպէր Արեւմտեաններուն հետ յարաբերութեան մտնել: Գրիգոր Կեսարացի, իր Կամենիցէ վտարուելէն ( § 1641) եւ Զաքարիա Վանեցիի պատրիարք ըլլալէն ետքը, Կեսարիա գացած էր, իր սեփական վիճակը ( § 1642), եւ հոն լսած էր Մովսէս Տաթեւացիին` իր նախկին ձեռնասունին ( § 1603) Մայրաթոռոյ կաթողիկոսութեան բարձրանալը: Այդ առթիւ Գրիգոր Մովսէսէն կը խնդրէր, որ բարձր հրամանաւ Սուրբ Էջմիածնի եւ կաթողիկոսական իշխանութեամբ ( ԴԱՎ. 284) Նիկոլը բանադրէ, զի նոր պարագայ մը վրայ եկած էր, որ Կեսարացին կաթողիկոսական բանադրանքի մըն ալ պէտքը կը զգար, իր արձակած բանադրանքին վրայ ( § 1641): Որչափ ալ Նիկոլ կարեւորութիւն չէր տուած Կեսարացիի բանադրանքին, սակայն իր ժողովուրդին զգածուելուն եւ իրմէ զգուշանալուն վրայ, կը ստիպուէր ու կը պատրաստուէր անոնք շահելու համար 3000 ղուրուշ ժողովուրդէն ճանապարհածախս ստանալով, Իլվովէ մեկնիլ, Կոստանդնուպոլիս եւ անկէ Կեսարիա երթալու համար, որ տացէ մեղայ եւ առցէ արձակումն Կեսարացիէն: Բայց Պրուսա հասած ատեն կը հանդիպի Արիստակէս Խարբերդցի վարդապետին, որ Կեսարացիին դէմ բարկացած էր, անոր փոխանորդներուն իրեն դէմ հանած հալածանքին համար ( § 1640), եւ Նիկոլը կը համոզէ թէ պէտք չունի Կեսարացիին երթալ, եւ թէ ինքն ալ կրնայ արձակել, որով Նիկոլ կը հաւանէր չ՚երթալ, այլ միայն թուղթով արձակում կը խնդրէր, պատճառելով թէ աստէն հիւանդացայ եւ անկեալ կամ ի մահիճս: Կեսարացին կը հաւատայ, կը խղճայ, կը գրէ թուղթ արձակման եւ օրհնութեան, եւ կը ղրկէ Պրուսա, եւ Նիկոլ զայն առնելով կը դառնայ Իլվով, ուր Իլվովցիք գիրը տեսնելով ուրախացան եւ միաբանեցան ընդ եպիսկոպոսին ( ԴԱՎ. 205): Մինչ այս մինչ այն Կեսարացին լուր կ՚առնէ, թէ խաբկանօք խլած է իրմէ արձակման թուղթը, ուստի իսկոյն կը փութայ նզովքը նորոգել եւ Իլվովցիներու ալ կը գրէ, թէ առաջին նզովքն եւ բանադրանքն կայ ի վերայ այդր եպիսկոպոսիդ ( ԴԱՎ. 286): Ահա այդ առթիւ է որ աւելի հաստատութեան համար Մովսէսէ ալ կը խնդրէ կաթողիկոսական իշխանութեամբ Նիկոլը բանադրել: Իրօք ալ Մովսէս` վստահ իր նախկին վարդապետին վրայ, եւ համամիտ անոր ուղղութեան, իսկոյն գրեաց գիր բանադրանաց եւ առաքեաց ի վերայ Նիկոլ եպիսկոպոսին ( ԴԱՎ. 284): Մովսէսի բանադրանքը կ՚արձակուէր 1629-ին, որ պապին ալ գրուած նամակին թուականը կը ցուցուի ( § 1659), եւ այդ զուգադիպութիւնը կը բաւէ բացատրել թէ ինչ կրնար ըլլալ Մովսէսի նպատակը, եթէ իրօք գրած է այն նամակը, որուն մասին ստոյգ եւ վաւերական տեղեկութիւններ կը պակսին: Մովսէսը ուզած է իր իշխանութիւնը պահել Արեւմուտք գտնուող Հայերուն վրայ, եւ ոչ թէ ինքզինքը հպատակեցնել Արեւմուտքի պապութեան ներքեւ: Որովհետեւ Մովսէս բանադրանաց գիրին ետեւէն Լեհաստան կը ղրկէր Խաչատուր Կեսարացի վարդապետը, եւ քանի որ Նիկոլ կը յանդգնէր Կաթողիկոսական վճիռն ալ անարգել, Մովսէս պաշտօն կու տար նուիրակին ընկենուլ զՆիկոլ ի պաշտամանէ ( ԲՌՆ. 155) եւ Գրիգոր Կեսարացին ալ նուիրակը կը զգուշացնէր, որ մի գուցէ թէ ընկալցի զՆիկոլն ի կարգս եւ ի պատիւ եպիսկոպոսութեան ( ԴԱՎ. 286): Իլվովցիք բացարձակապէս դէմ դարձած էին Նիկոլի, եւ ոչ միայն իրմէ կը խորշէին, այլ եւ խորհէին դատաւորքն դնել զնա ի բանտի, եւ հանել ի նմանէ զաստիճան արքեպիսկոպոսութեան ( ԲՌՆ. 22): Խաչատուր վարդապետն ալ, թէպէտ այր հեզ եւ հանդարտ եւ քաղցրաբարոյ ( ԴԱՎ. 286), սակայն չկարենալով տանիլ Նիկոլի նախատինքներուն եւ կաթողիկոսական հրամաններու դէմ ըմբոստանալուն, ինքն ալ անէծքը կը կրկնէր, որուն վրայ քաղաքին դատաւորներ եկեղեցին կը փակէին եւ դատաստանի կը նստէին Նիկոլը դատելու նուիրակին նախագահութեամբ: Խաչատուր խնդիրին զայրանալը տեսնալով, հաշտելու եւ հաշտեցնելու միջոցներ կը փնտռէր, բայց դատաւորներ անողոք կը մնային, եւ երբ Նիկոլ կը սպառնար արքունի դատարանի դիմել, Հայազգիներ կը պնդէին, թէ իրենց իրաւունք տրուած է, որ իրենց գործերուն Հայոց ազգի դատաւորքն արասցեն զդատաստանս, եւ ոչ թէ դատաւորք ազգին Ֆռանկաց: Նուիրակը սրտապնդելու համար ալ կ՚աւելցնէին, այլեւ ունիմք ապրանք ընդ ապրանաց նոցա, եւ խելք ընդ խելաց նոցա, եւ դու զիfl եւս երկնչիս ( ԴԱՎ. 289): Այսպէս կը շարունակէր վէճը, զի ոչ Նիկոլ կը հպատակէր, եւ ոչ ալ ազգայինք կը զիջանէին:

1661. ՆԻԿՈԼ ԿԱԹՈԼԻԿ

Նիկոլ տեսնելով որ ազգային կանոններով եւ ազգային դատաստաններով պիտի չկարենայ ժողովուրդը յաղթահարել կամ ինքն արդարանալ, դաւանափոխութեան միջոցին կը դիմէ, որպեսզի Լեհաց արքունական եւ Լատինաց կրօնական զօրութեամբ իր հակառակորդները ընկճէ: Այս նպատակով կը դիմէ առ այնոսիկ որ ի կարգէն Եզվայիթայ կան ի մէջ քաղաքին Իլվովայ, ինչպէս Դավրիժեցին կը գրէ ( ԴԱՎ. 289), ամէն լատին կրօնաւորները Եզվայիթ, կամ Ճիզվիթ (Gesuita) կամ Յիսուսեան միաբան նկատելով, մինչ լատին պատմիչներ կը ճշդեն թէ դիմեց յեկեղեցին հարց Կարմելիտեանց Բոկոտնից ( ԲՌՆ. 22), եւ հրապարակաւ հռոմէադաւանութիւն ընդունեցաւ, յայտարարելով թէ մտի ի հնազանդութիւն փափին ամենայն հետեւելովքն, կատարել զամենայն հրամանս որ առ ի նմանէ ( ԴԱՎ. 289): Այսպէս 1630-ին Նիկոլ եպիսկոպոսն Լեհու` արար զդաւանութիւն, ինչպէս կը գրէ ժամանակագիր մը ( ՍԱՄ. 178), եւ այս է հռոմէադաւանութիւն ընդունելու իսկական եւ պաշտօնական առաջին գործողութիւնը, զոր կատարեց Նիկոլ Թորոսովիչ, կաշառքով եւ գաղտնի ձեռնադրուած Իլվովի եպիսկոպոսը ( § 1638), եւ այս է իսկապէս կաթոլիկ կամ հռոմէադաւան ըլլալու ձեւը, եւ ոչ թէ վարկապարազի բացատրութիւնները, որով կը կարծեն իրենց համամիտներ շատցնել հռոմէադաւան գրողներ: Նիկոլ ազատ էր ինքն իրեն համար ուզած դաւանութեան յարիլ, այլ Իլվովի ժողովուրդն ալ իրեն հետեւող յայտարարելու իրաւունք չունէր: Եւս առաւել Իլվովի լատին արքեպիսկոպոսարանը իրաւունք չունէր Հայերը բանադրելու որ Նիկոլի հետեւին հնազանդին, եւ եւս քանզեւս անիրաւ էր Լեհաց արքունի իշխանութիւնը, որ զինուորական ոյժ գործածեց Հայերը իրեն դաւանութեան հպատակեցնելու, եւ հրաման տուաւ իր պաշտօնեաներուն, որ հարեալ խորտակեցին զդուռն եկեղեցւոյն, զոր Հայեր չէին բանար Նիկոլի առջեւ, եւ զՆիկոլ եպիսկոպոսն մուծին յեկեղեցին, եւ ի նա յանձնեցին զեկեղեցին ամենայն ընչիւք: Եկեղեցւոյ թանգարանին մէջ կային հազարէ աւելի գիրքեր հարուստ կողքերով եւ ոսկետուփ կազմերով, եւ եկեղեցական զարդեր եւ սպասներ եւ զգեստներ, ի հարց եւ ի հաւուց, ի վաղեմի եւ ի նախնի թագաւորաց նուիրուած, եւս եւ վաւերական մուրհակք եւ նոմոսք: Այս կերպով ազգային ինչք եւ ստացուածք, իրաւունք եւ սեփականութիւնք միանգամայն ոտնակոխ կ՚ըլլային, եւ ամբողջ ժողովուրդ մը լատինական սկզբունքով եւ զօրութեամբ բռնական հարստահարութեան կ՚ենթարկուէր: Այս է հռոմէադաւանութեան կողմէ հռչակուած մեծ յաղթանակը: Հռոմէադաւաններ սովոր են ասկէ առաջ ալ կատարուած եղելութեանց եւ Լեհաստանի Հայերուն ընթացքին մէջ Հայերուն հռոմէադաւանութեան յարած ըլլալուն փաստերը տեսնել, սակայն Նիկոլի եւ Իլվովի գործերը բաւական են անգամ մըն ալ հաստատել մեր պնդածը, թէ Հայեր, ուրիշ դաւանութեանց հետ հաշտ ապրելով ալ, երբեք իրենց հայրենական հայադաւան եկեղեցիէն օտարացած չէին եւ չեն: Լեհաց կրօնական եւ պետական իշխանութիւններ ձեռք ձեռքի տուած, կը հետապնդէին երիցանց եւ իշխանաց Հայոց, եւ Նիկոլին չհամակերպողները իշխանական բռնութեամբ, կ՚ենթարկէին ի բանտս եւ ի տուգանս, եւ այսպէս կը կազմէին Լեհաստանի Հայերուն վրայ հռոմէականներուն տարած կարծեցեալ յաղթանակին դրուագը: Նիկոլ կրցաւ բռնութեամբ տիրանալ բոլոր եկեղեցիներու եւ վանքերու, բայց չկրցաւ տիրանալ ժողովուրդին, զի նոյնիսկ Լատին պատմագիրին վկայութեամբ, ի բաց կացին ի նմանէ ժողովուրդն առհասարակ, բաց ի միոյ կամ յերկուց քահանայից եւ ոմանց ազգակցաց Նիկոլին սակաւուց ( ԲՌՆ. 156): Իսկ ուրիշ Լատին մը, միակ Արսէն քահանայի մը անունը կու տայ իբրեւ Նիկոլի հետեւող ( ԲՌՆ. 23):

1662. ՆԻԿՈԼԻ ԲՌՆՈՒԹԻՒՆԸ

Խաչատուր Կեսարացի նուիրակ, բնական բերմամբ պայքարելէ հեռու անձ մը, երբոր տեսաւ Նիկոլի ընթացքը եւ պետական բռնութեամբ զեղծանիլը, մեծապէս վշտացաւ, զմազն եւ զմօրուքն իւր ճողեց ( ԿԱՄ. 210), շուտով Ս. Խաչի վանքը քաշուեցաւ, ուր յանկարծ կառավարութենէն պաշարուեցաւ իբրեւ լրտես: Նիկոլ պաշտպանելու ձեւեր կ՚առնէ յուսալով որ կարենայ զայն իրեն յանկուցանել, սակայն չի յաջողիր, եւ Խաչատուր ալ կը համոզուի, որ Նիկոլը ճամբայ բերելու համար ջանքերն ալ զուր աշխատանք եւ ի նանիր վաստակ կը դառնային: Լեհացիք ուզելով օր առաջ Խաչատուրը հեռացնել, յաւուրս ձմերայնի, սաստկասառոյց եւ ցրտայնի, յունվարի մէկն` օրն կաղանդի, հանին զնա խեղճ եւ լալի, որով 1631 տարեգլխին կը թողու Խաչատուր Լեհաստանը եւ ուղիղ Էջմիածին կու գայ, եւ իրաց վիճակը կը ներկայացնէ կաթողիկոսին ու եպիսկոպոսներուն, որոնք ցաւագին սրտիւ, եւ արտասուաթոր աչօք սգային վասն ազգին Հայոց` որք էին յԻլվով քաղաքի ( ԴԱՎ. 291): Արդ, եթէ Մովսէս կանուխէն հռոմէադաւանութեան յարած մէկն էր, ինչպէս հռոմէականք կը կեղծեն, ընդհակառակն ուրախութիւն պէտք էր զգացած ըլլար, եւ ոչ սուգ ու տրտմութիւն: Երբոր նուիրակն ալ հեռացաւ, Նիկոլ ա'լ աւելի համարձակութեամբ իր բռնութեանց ասպարէզ գտաւ, եւ այնպիսի գործերու ձեռնարկեց, որ կը յիշեցնէին զհալածանս, զոր կը կրէին քրիստոնեայք ի ժամանակս կռապաշտ թագաւորացն: Քահանաներն ու գլխաւորները արկանէր ի բանտ, եւ 300 կամ 400 ղուրուշ տուգանքով կ՚արձակէր. մեռել թաղելու եւ վրան քար ձգելու արգելք կը դնէր` եւ հազիւ թէ մեծ գումարներով կը ներէր` մկրտութիւն եւ պսակ չէր ներեր, եթէ հռոմէականութիւն չընդուէին, կամ եթէ ծանր տուգանք չի վճարէին, ուստի գաղտնի ուրիշ քաղաքներու մէջ ընել կը պարտաւորուէին. մեռելներ օրերով անթաղ կը մնային, եւ փայտէ դագաղի մէջ կպրաձիւթով ծածկուած ցուրտ տեղեր երկար ատեն կը պահուէին ( ԴԱՎ. 292), եւ 15 եւ 16 տարեկան անկնունք կը մեռնէին, եւ հոգեվարներ առանց հաղորդութեան կը վախճանէին: Իլվովցիք կը պնդէին իրենց վայելած արտօնութիւններուն վրայ. յորոց կարեւորագոյնն էր ազատութիւն դաւանութեան հաւատոց, ուստի մասնաւոր տուն մը եկեղեցիի վերածեցին եւ Նիկոլէ գրաւուած եկեղեցիներէ մին ետ դարձուիլը պահանջեցին, որ Սիգիսմոնդոս Գ-ի օրով զլացուեցաւ ( ԲՌՆ. իը ) եւ երբ Վլատիսլաւ Է. է հրամայուեցաւ ( ԲՌՆ. 158), Նիկոլ անոր ալ ուզեց դիմադրել, զի զրահիւք արդարութիւն վառեաց Աստուած զսիրտ նորա, կը կարծէ Լատին պատմիչը ( ԲՌՆ. 23): Բայց թագաւորը հիացեալ եւ շառագունեալ յամօթոյ ետ կեցաւ, կ՚ըսէ, եւ այլեւս չուզեց մասն ի գործին ունել ( ԲՌՆ. 24): Նիկոլի պատճառաբանութիւնը եղած էր, արքեպիսկոպոս եմ ես կաթոլիկ, ոչ կարեմ տալ եկեղեցի մի ի ձեռս հերձուածողաց ( ԲՌՆ. 24): Կ՚երեւի թէ կաթոլիկութիւնը կը ներէ եղեր իր իսկ ժողովուրդը կեղեքել, անիրաւի խոշտանգել, եւ հաւատքին չներած ըսածը` դրամի փոխարինութեամբ ներել:

1663. ՆԻԿՈԼ ԵՒ ԽՈՒԼԸ

Իլվովցիք կանխած էին պատուիրակ յղել Մովսէս կաթողիկոսին, Սիմոն անունքահանայ մը եւ երեւելի աշխարհական մը ( ԴԱՎ. 293), որովհետեւ Խաչատուր նուիրակին Էջմիածին դառնալէն ետքը ձայն մը չէր ելած: Պատուիրակներուն ձեռքը տրուած նամակը 1631 յուլիս 25 թուական կը կրէ ( ԲՌՆ. իէ ), ուր կը նկարագրեն Նիկոլի գործած բռնութիւնները, ինչպէս վերեւ յիշեցինք. քահանայից գանակոծութիւններն ու բանտարկութիւնները եւ բռնադատեալ դաւանափոխութիւնները, տեղական իշխանութեանց կողմէն գտած պաշտպանութիւնը, եւ գոնէ եկեղեցի մը իրենց թողլու համար ըրած խնդիրներուն զլացումի հանդիպիլը, այն սկզբունքով թէ ամենայն եկեղեցիք հնազանդին եպիսկոպոսին, որպէս իշխանաւորին ( ԲՌՆ. իը ): Այդ գրութեան մէջ Նիկոլ, շարունակ անիծեալ եւ զեպիսկոպոս անուններով կը յիշուի, որ ժողովուրդին ներքին զգացումը կ՚արտայայտէ: Ահա այդ պարագան էր, որ Մովսէսը սիտիպեց գրել զնամակս խոհեմականս եւ լի իմաստութեամբ, առ թագաւորն Լեհաց եւ առ նորին իշխանսն, եւ առ արքեպիսկոպոսն Իլովայ որ յազգէն Ֆրանկաց, նաեւ առ փափն ( ԴԱՎ. 293): Մովսէսի նամակներուն նպատակը, ոչ հպատակութիւն յայտնել էր, եւ ոչ հռոմէադաւան սկզբունքներու հաւանութիւն տալ, ինչպէս հռոմէականներ կը սիրեն մեկնել ( § 1650), այլ նա ողոք լեզուով եւ շահեցողական ոճով կը խնդրէր, ողորմեցարուք դառնացեալ ժողովրդեանն, եւ շնորհեցէք զեկեղեցին յինքեանս ( ԴԱՎ. 294): Այս նամակներուն վրայ տրուած է Վլատիսլավ Է. ի հրամանը, եկեղեցիներէն գոնէ մէկը հայադաւաններուն թողլու, ինչպէս յիշեցինք ( § 1662), իսկ նամակին մէջ յիշուած եկեղեցի մը տալու զլացումը, տեղի ունեցած էր Վլատիսլաւի նախորդին Սիգիսմոնդոս Գ. ի օրով, որուն մահը հանդիպած է 1632-ին սկիզբները: Ճիշդ այդ միջոցին կը հանդիպի Յովհաննէս Խուլի Լեհաստան գտնուիլը ( § 1642): Կ. Պոլիսէ մեկնելուն ճիշդ թուականը չենք գտներ, բայց գրուած է թէ 1631-ին անցանէ ընդ Լեհաստան, 1631 դեկտեմբեր 1-ին Իլվովի մէջ կ՚աւարտէ ընդօրինակութիւն մը, եւ 1632 ապրիլ 18-ին այնտեղ կը գտնուի Սիգիսմոնդոսի մահուան օրը, (11. ԱՄՍ. 18), որ ըսել է թէ ճիշդ Նիկոլեան տարօրինակ գործունէութեան օրերուն ներկայ եղած է Լեհաստանի մէջ, թէպէտեւ ոչ Դավրիժեցին եւ ոչ Լատին պատմիչներ անոր անունը չեն տար իրենց յիշատակներուն մէջ: Խուլին ուղղութիւնը ծանօթ ըլլալով իր նախընթաց գործերէն, եւ մանաւանդ իր առաջիկային բռնած ընթացքէն, պէտք է ընդունիլ թէ քաջալերիչ եղած է Նիկոլի տարադէպ եւ անհաճ գործերուն, մինչ իր 78 տարեկան հասակը, եւ ժողովուրդի հոգով զբաղած անցեալը, պէտք էր իրեն թելադրէին խաղաղութեան եւ հաշտութեան միջնորդ ըլլալ, եւ մոլեռանդ Նիկոլի ապօրինի բռնութեանց առջեւն առնել: Նախկին պատրիարք եւ ծերունի եպիսկոպոս մը չէր կրնար իբր անծանոթ մնալ քաղաքի մը մէջ, ուր իբր երկու տարի ատեն անցուցած է. ուստի անոր անունին շուրջը Դավրիժեցիին պահած լռութիւնը, իբր անարգական զանցառութեան նշանակ պէտք կ՚ըլլայ մեկնել, եւ չենք գիտեր ինչ մեկնութիւն տալ Լատին պատմիչներուն ալ պահած լռութեան, բայց եթէ Խուլին կարեւորութիւն եւ նշանակութիւն չվերագրելնուն: Ասիկա յայտնապէս կը հետեւի Իլվովցի Հայ քահանայի մը գրածէն, թէ Խուլ պատրիարքըն Ստամպօլցի, զոր մեր մեղքն եբեր քաղաքըն Լովի, ընկէց զօրէնըս Լուսաւորչի, եւ գովէր զգործըն Նիկոլի, եւ յոր տեղ նստէր զՀայս հայհոյէր: Թէպէտ կ՚ըսէ թէ Լեհաց եկեղեցականներէն եւ իշխաններէն, նոյնիսկ թագաւորէն եւ թագուհիէն պատիւներ տեսաւ, սակայն այսու հանդերձ Լատին պատմիչներուն լռութիւն պահելը, կը հաստատէ մեր տուած մեկնութիւնը: Խուլին զգացումներուն ինչ ըլլալը ճշդելու համար, շատ որոշիչ են իր իսկ խօսքերը: Երբոր Հայեր իրեն կ՚ըսեն. Մեք եմք Լուսաւորչի, հնազանդ մեր կաթողիկոսի, ինքը սովոր է եղեր պատասխանել. Կաթողիկոսն ով է, իմ պատիւս քան զնա մեծ է, ամէն Հայոց աշխարհն իմն է (11. ԱՄՍ. 20-21):

1664. ՄՈՎՍԷՍԻ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆԸ

Կաթողիկոսի մասին Խուլին ըսածը կը հաւաստէ, թէ Մովսէս ոչ համամիտ էր հռոմէական դաւանութեան եւ ոչ կամակից հռոմէական գործունէութեան, մինչ անոր պապին գրած նամակին զօրութեամբ բոլոր հռոմէական գրողներ, Չամչեան, Պալճեան, Ըստկարեան, Ազարեան, Գալէմքեարեան եւ ընկերք` կը սիրեն կարծել, թէ Մովսէս ուղղափառամիտ, իրենց միտքով` լատինամիտ էր, եւ Թորոսեանին Նիկոլի ըրածներուն հաւան ( ԸՍՏ. 380): Բայց բոլորովին ուրիշ նպատակով գրուած էր Մովսէսի նամակը, ինչպէս վերեւ յիշեցինք, այսինքն Լեհաստանի հայադաւանները չնեղելու համար: Այդ գիրը տարբեր միտքի տանիլը` դիւրաւ կ՚ըմբռնենք Սիմէոն Սեբաստացիին գրչին տակ, որ իր Սսոյ աթոռը պաշտպանելու նպատակով ամէն տեսակ նախատական լուտանքներ կը գրէր Էջմիածինի դէմ, բայց չէինք ուզեր նոյն հոգին տեսնել նաեւ անոնց մօտ, որոնք լուրջ գրողի կերպարանքով կը պարծին: Սեբաստացիին գրածին համեմատ, Մովսէսի նամակը Հռոմի մէջ կը տեսնէ Խուլը, եւ գրեալ զօրինակն` ի Ստամբոլ յղեալ կ՚ըլլայ, ուսկից ինքն Սիմէոն ալ ընդօրինակելով պահած եմ կ՚ըսէ (04. ԱՐՐ. 723): Կը յիշէ եւս թէ Խուլին Հռոմ ղրկած օրինակին լուրը Գրիգոր Կեսարացիին ալ կը հասնի, որ մեղադրական գիր մը կ՚ուղղէ Մովսէսի. իր նախկին ձեռնասունին: Սակայն Կեսարացին Մովսէսին գրած թուղթը տեսած եւ պարունակութեան տեղեակ եղած չէ, որովհետեւ պարզապէս անախորժելի համբաւ եւ տրտմագոյն զրոյց եւ ցաւագին ասացուածս լսելով կը գրէ, իբր թէ Մովսէս Քաղկեդոնի ժողովն ալ ընդունած ըլլայ, եւ կամ Նիկոլի ու Խուլի նման պաշտօնապէս հռոմէական դաւանութեան յարած ըլլայ ( ՉԱՄ. Գ. 611): Բայց այսպիսի յայտարարութիւն բնաւ գոյութիւն չունէր, եւ թէպէտ պատճէնը մէջտեղ չկայ` որ մօտէն զննենք, սակայն դիւրին է մակաբերել, թէ պապին անձին գովեստներ եւ Հռոմի աթոռին փառաբանութիւններ էին, յորս մերայինք կ՚առատանային չափազանցելու աստիճան, երբ որ Հռոմի կողմէն պաշտպանութիւն կամ օգնութիւն կը խնդրէին կամ կը յուսային: Ներկայ պարագայից մէջ ալ Մովսէսի Լեհաց թագաւորէն եւ Հռոմի պապէն խնդրածն ու սպասածը` իր ազգակիցներուն եւ դաւանակիցներուն պաշտպանութիւնն էր, որպէսզի անոնց վրայ ստիպում եւ բռնութիւն չգործուի դաւանութիւննին փոխելու, եւ հռոմէականութիւն կամ լատինականութիւն կամ քաղկեդոնականութիւն ընդունելու, այլ ազատ թողուին իրենց հայրենական դաւանութեան մէջ, որ կատարելապէս ուղղափառ եւ ճշմարիտ է: Մովսէս իրաւամբ կրնար աւելցնել, թէ Հայ եկեղեցին հիմնական եւ էական կէտերուն մէջ հռոմէական դաւանութենէն տարբեր չէ: Միանգամ ընդմիշտ պէտք է ըմբռնեն Հայ եկեղեցւոյ հակառակորդներ, հայազգի ըլլան թէ օտարազգի, որ Հայկական եկեղեցւոյ ներողամիտ եւ թոյլատու հոգին, ուղղափառութիւնը` քրիստոնէական ճշմարտութեանց եւ քրիստոսական տնօրինութեանց էական կէտերու վրայ կը հիմնէ, վարդապետութեանց երկրորդական կէտերու մէջ իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ ազատութիւնը կը յարգէ, անոր համար ուրիշ եկեղեցւոյ հետ հոգեւոր հաղորդակցութենէ չի խորշիր, անոնց արտաքին առաւելութիններուն եւ աշխարհային կարողութիւններուն վկայելու չի դժուարանար, եւ մինչեւ մէկ աստիճան յարգանք ընծայելէ ալ չի քաշուիր. բայց ոչ իր եկեղեցւոյ հնաւանդ ուղղափառութիւնը կը զոհէ, եւ ոչ ուրիշ եկեղեցւոյ իր վրայ իշխանութիւնը կ՚ընդունի: Երբոր այդ կէտերը ըմբռնուին, շատ դիւրին կ՚ըլլայ, մեր կաթողիկոսներուն եւ մեր վարդապետներուն ըսածներուն եւ ըրածներուն իսկական միտքը թափանցել, եւ քաշկըռտուքներով չխեղաթիւրել:

1665. ՅՈՎՍԷՓԻ ՄԱՀԸ

Մովսէս Տաթեւացիի կաթողիկոսական գործունէութիւնը շատ համառօտ եղաւ, երեքուկէս տարի միայն, սակայն քիչ չեղաւ իր արդիւնաւորութիւնը որ շատ կանուխէն սկսած էր, եւ կաթողիկոս չհռչակուած` կաթողիկոսական գործունէութեամբ կը փայլէր: Մովսէս վախճանեցաւ 1632 մայիս 14-ին ( ԴԱՎ. 240), բայց չէ ըսուած թէ ինչ պարագայից մէջ: Տարիքը շատ մեծ պէտք չէ եղած ըլլալ, եթէ Գրիգոր Սրապիոնի կաթողիկոսութեան միջոցին, շուրջ 1600-ին ( § 1548), իբր 15 տարեկան աբեղայ ձեռնադրուեցաւ ( § 1603), որով մահուան թուականին մերձաւորաբար յիսնամեայ եղած կ՚ըլլայ: Ախտաւոր մըն ալ եղած չըլլալուն նշան կը սեպենք տոկուն եւ անխոնջ աշխատութիւնը եւ չարքաշ կեանքը մինչեւ կեանքին վերջը, որով պատահական ծանր հիւանդութիւն մը զայն տապալած պիտի ըլլայ, երբ գործով կամ հանգիստի նպատակով կը գտնուէր Երեւան, Ս. Անանիայի վանքը, իր սիրեցեալ եւ նուիրական օթարանը: Երեւանեցիք, որոնց հետ այնչափ սերտ կապուած էր իր առաջին գործունէութեան օրերէն սկսելով, ուզած պիտի չըլլան յետ մահուան ալ անկէ բաժնուիլ, որ թաղումը կատարուած է նոյն քաղաքին մէջ եւ գերեզմանն ալ դրուած է ժողովրդական գերեզմանատան մէջ Կոզեռ բլուրին վրայ, որ այսպէս կոչուած է Յովհաննէս Կոզեռն վարդապետին գերեզմանէն ( § 833), եւ որուն մօտ թաղուած էր նաեւ Մելքիսեդեկ Վժանեցին, որ նախընթաց 1631 տարին վախճանած էր ( ԴԱՎ. 309): Մովսէսի վարդապետական գործունէութեան հետ կաթողիկոսական արդիւնաւորութիւնը, եւ բարեկարգական ջանքերուն հետ շինարար աշխատութիւնները` փոքրիշատէ պատմեցինք. բացատրեցինք նաեւ իր հաստատուն եւ անվրդով ուղղափառութեան հաւատքը, ինչպէս որ Հայաստանեայցս եկեղեցին կ՚իմանայ եւ կը դաւանի: Իսկ իր անհատական եւ առաքինական առաւելութեանց համար կը խօսին ամենուն սիրելի եւ պաշտելի դարձած իր գործերը, որով բացառիկ կերպով մը ամենուն անձկալի եղաւ եւ ընդհանուր միաձայնութեամբ կաթողիկոսական աթոռ բարձրացաւ: Իրեն համար վկայուած է եւս, թէ էր մաքրակենցաղ եւ սրբասնունդ, երկայնամիտ եւ ողորմած, եւ թէ զօրաւոր էր աստուածաշնորհ վարդապետութեամբ եւ քաղցր քարոզութեամբ, որով գիտէր հոգիներ շահիլ ուղղելով ի ճանապարհս արդարութեան ( ԴԱՎ. 239): Իր կաթողիկոսութիւնը Հայ եկեղեցւոյ համար դարագլուխ մը կը կազմէ ըսինք ( § 1648), եւ իրօք ալ իրմով կը փակուի այն աղետալի եւ եղկելի շրջանը, որ ամէնէն աւելի յուսալից պայմաններու ներքեւ սկսաւ` աթոռոյն փոխադրութեան եւ Կիրակոս Վիրապեցիի ընտրութեան առթիւ, այլ որ յուսախաբ ելք մը ունեցաւ, շատ մը իրարու շղթայուած արտաքին եւ ներքին պարագաներու պատճառով: Շատ ցանցառ մխիթարական արդիւնքներ ներկայեց մեզ 1441-էն մինչեւ 1629, մօտ երկու դարերու ժամանակամիջոցը, աւելի աղետալի դարձած` աթոռակիցներու դրութեան մուտք գտնելովը եւ ընդարձակ զեղծումներու դուռ բանալովը: Միակ օգտակար հետեւանք ունեցաւ աթոռին յաջորդական եւ անընդհատ շարունակութիւնը պահպանելուն մէջ, որ կրնար թերեւս վտանգի ենթարկուիլ, ամենադժուարին պատահարներու ներքեւ` եթէ կաթողիկոսի մահուան պահուն յաջորդը պատրաստ չգտնուէր: Մովսէս իրեն աթոռակից չառաւ եւ առնել ալ չմտաբերեց, եւ անով վերջ տուաւ այդ տարադէպ սովորութեան: Նպատակնիս ներբողական մը հիւսել չըլլալով, կանգ կ՚առնենք մեր նկատողութեանց մէջ, դիտել տալով միայն այն մեծագոյն եւ բացառիկ պատիւը, զոր իրեն ըրած է եւ կ՚ընէ եկեղեցին, անոր անունը յիշելով հանապազօր պատարագի մէջ, եռամեծ հովուաց եւ հովուապետաց կարգին, եւ կցելով զայն ուրիշ լուսաւոր անունի մը հետ, եւ զոյգ յիշատակելով Գրիգորի եւ Մովսիսի Տաթեւացեաց անունները ( ԺԱՄ. 591), զի Մովսէս ալ Գրիգորի համանման, եղաւ լուսատու տանս Արամեան ( ԴԱՎ. 239), որչափ ալ ոչ տօնացոյցը եւ ոչ յայսմաւուրքը չեն արձանագրած տակաւին անոր անունը: