Ազգապատում. հատոր Բ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ԳՐԻԳՈՐ Ը. ԽԱՆՁՈՂԱՏ

1408. ՊԱՇՏՕՆ ԵՒ ԺԱՄԱՆԱԿ

Ըսինք արդէն թէ Յակոբի սպանութեան թելադրող կամ գործադրող պէտք է նկատել այն անձը, որ այդ ոճիրէն կ՚օգտուէր ( § 1405): Ասով ոչ միայն մատնանիշ ըրած կ՚ըլլանք Գրիգոր Ը. կաթողիկոսը, այլ եւ բացատրած կ՚ըլլանք անոր կաթողիկոսութեան հասնելու կերպը, այսինքն է սպանութեամբ աթոռը դատարկացնել, եւ կաշառքով յաջորդութիւնը ձեռք անցընել: Այդ կերպը Չամչեան ալ կը շեշտէ ( ՉԱՄ. Գ. 457), հարկաւ աղբիւրէ մը քաղելով: Ասկէ կը հետեւի թէ Գրիգոր աթոռին ազդեցիկ եպիսկոպոսներէն էր, եւ արտաքին միջոցներով ճոխացած, բայց աւելի բան մը գիտցած չենք ըլլար իր նախընթացին վրայ: Ծագումն ու ծննդավայրն ալ չեն յիշուած յիշատակարաններու մէջ, այլ իր կենդանութեան ժամանակէն գրուած է, թէ մականուն Խանձողատ կոչի ( ՓԻՐ. 56), առանց պատճառը կամ բացատրութիւնը տալու: Խանձի կամ կրակի իմաստ մը կայ բառին մէջ, այլ չենք գիտեր թէ ներգործաբար խանձող ու այրող պիտի իմանանք, թէ ոչ իր վատ գործերով խանձողած ու սեւցած մէկ մը: Ասոր հետ մէկտեղ անհնար չէ որ արտաքին կամ պատահական պարագայէ մը յառաջ եկած մականուն ըլլայ: Միայն ստոյգ է, որ Սիս նստող վերջին կաթողիկոսներուն մէջ ամէնէն աւելի վատթարը այդ Գրիգորը կը նկատուի, Գրիգոր նուիրական անունին անարգանք դառնալու չափ: Աթոռի տիրանալուն թուականը 1411-ին պահելով ( § 1405), տեւողութիւնը խնդրոյ նիւթ է: Ժամանակագիր մը ամս եօթն կը դնէ ( ՍԱՄ. 172), որով կը հասնինք 1148-ին, ինչ որ կը համապատասխանէ Դավրիժեցիին ընդունած թուականին, թէ Հայոց 867 թուին, որ է 1418, զայս տէր Գրիգորս, որ մականուն Խանձողատ կոչի, աքսորեցին, ( ԴԱՎ. 336): Թէեւ միեւնոյն 1418 թուին Գրիգոր կաթողիկոս կը յիշուի յիշատակարաններու մէջ ( ՓԻՐ. 56), բայց այդ բնաւ նոյն տարին քաշուելուն չի հակառակիր: Սակայն երկու տարի ետքն ալ, 1420-ին, ի կաթողիկոսութեան Հայկազեան սեռի տեառն Գրիգորի գրող յիշատակարան ալ կայ ( ՓԻՐ. 62), որ կը թելադրէ 1418-էն ետքը թողուլ Գրիգորի կաթողիկոսութեան վերջը: Միւս կողմէն բոլորովին անոր հակառակը կը ցուցնեն ուրիշ յիշատակարաններ, որոնք ոչ միայն 1418-ին ( ՓԻՐ. 57), այլ եւ 1416-ին ի հայրապետութեան տեառն Պօղոսի կը գրեն ( ՓԻՐ. 48): Ընդհանուր կանոն է, այդպիսի տարաձայնութեանց մէջ միակ բացառութիւնները նկատի չառնել, եւ տառերու փոխանակուելուն կամ գրողներու սխալներուն վերագրել տարբերութիւնները: Այդ տեսակէտէն նայելով, 1416-ին Պօղոսի կաթողիկոսութիւնը նշանակուելուն մէջ` հայկական թուականին Ե. եւ Է. թուատառերու շփոթը դիւրաւ կ՚ենթադրուի, եւ ՊԿԵ. թուատառը ՊԿԷ. կարդալով 1418 թուականը կ՚արդարանայ: Իսկ Գրիգորի մինչեւ 1420 կաթողիկոս յիշուիլը, կրնայ հեռաբնակ Հիզանցի գրողին Կիլիկիոյ գործերէն տեղեկութիւն չունենալուն վերագրուիլ: Այդ դիտողութիւններու վրայ հիմնելով, եւ Գրիգորի կաթողիկոսութեան 1418-ին վերջանալուն մասին` զանազան աղբիւրներէ համաձայն վկայութիւնները տեսնելով, մենք ալ կը համաձայնինք պահել նոյն թուականը, եւ Գրիգորի եօթնամեայ պաշտօնավարութեան տեւողութիւնը:

1409. ԿԻԼԻԿԵՑՒՈՑ ԶԵՂԾՈՒՄՆԵՐԸ

Որչափ ալ եօթնամեայ միջոցը բաւական գործունէութեան ժամանակ ըլլայ, սակայն Խանձողատի կողմէ որեւէ գործ մը կամ արդիւնք մը կատարուած ըլլալու յիշատակ չունինք, եւ այն քիչը որ կը գտնենք բոլորովին իրեն աննպաստ է: Կիլիկիոյ աթոռին աննախանձելի վիճակը շատոնց էր որ Արեւելեայց մտահոգութեան եւ մտադրութեան առարկայ եղած էր, եւ Տաթեւացիին նախաձեռնութեամբ Աղթամարի խնդիրին յուզուելուն շարժառիթն ալ այս էր եղած ( § 1398): Դաւիթի գահընկէցութեամբ գործին լուծում գտնելու միտքը, շատ գործնական չէր, եւ արդիւնաւոր ալ չեղաւ: Ընդհակառակն Դաւիթի զայրոյթը անձնապաշտպանութիւնը գրգռեց, եւ անով մեծ նպատակն ալ ձախողեցաւ, ու Տաթեւացիին վերահաս մահուամբ խնդիրն ալ մարեցաւ, թէպէտ չի թողուեցաւ: Թէ' բուն Սիւնեցիք, թէ եւ Տաթեւ գտնուող Վասպուրականցիք հետամուտ էին պէտք եղածը գործել, եւ Կիլիկիոյ մէջ գործուած անկարգութիւններուն վերջ մը տալով, հայրապետական աթոռին շուքն ու ազդեցութիւնը վերանորոգել, որ Սսոյ անձուկ շրջանին մէջ փակուած, սակաւաթիւ կեղծ ու զեղծ եկեղեցականներու ձեռքը ինկած, ընդհանուր ազգին շփումներէն եւ ազդեցութենէն դուրս մնացած, եւ անձեւ ու անկերպարան տիրապետութեան մը նպատակ դարձած, ամէն տեսակ անկարգութեանց համարձակ դուռ էր բացած: Մեծոփեցին իբրեւ անաչառ դատախազ մը միառմի թուած է այդ անտեղութիւնները: 1. Մնացեալ էր խմոր աղթարմայութեան Կոստանդեայ Կեսարացւոյ եւ Գրիգորի Անաւարզեցւոյ: 2. Զանկեալս ի կարգէ գարշութեամբ վաւաշոտ բղջախոհութեան` ի յաստիճան առաքելական կոչէին: 3. Գայթակղութեամբ զբազումս ի հաւատոցն Քրիստոսի ի բաց հանէին ( ԿՈՍ. 55): 4. Անառակութեամբ եւ արբեցողութեամբ եւ պիղծ վարուք շրջէին: 5. Հասարակ ձիթապտղի ձէթով զՀոգին ի բաց բարձին: 6. Արծաթով տային զշնորհս Հոգւոյն Սրբոյ ( ԿՈՍ. 56): 7. Ի վերայ միոյ վիճակի երեք եւ չորս եպիսկոպոս ձեռնադրէին: 8. Զանուղղայս եւ զանկարգս ձեռնադրէին: 9. Անիծիւք նզովից եւ բանադրութեամբ կապանաց զաշխարհս մեր լցին ( ԿՈՍ. 57): 10. Թողին զօրէնքն Քրիստոսի, եւ թողին զկանոնեալն ի Լուսաւորչէն: 11. Յաջ Լուսաւորչին երդնուին, որ ոչ զԼուսաւորիչն ճանաչէին եւ ոչ զաջ Լուսաւորչին գիտէին ( ԿՈՍ. 58): Այդ տխուր նկարագիրը եւս առաւել ընդարձակուած էր Խանձոզատին օրով, այնպէս որ Արեւելեայք միջամտելու պէտքը զգացին, եւ կերպին վրայ խորհրդակցութիւններ ունեցան: Ասոնց մանրամասնութիւնները մեզի հասած չեն, միայն թէ ընդհանուր համամտութիւն մը կը տեսնանք Արեւելեայց մէջ: Սիւնեցիք եւ Այրարատցիք, Արճիշեցիք եւ Աղթամարցիք ձեռք ձեռքի տուած համաձայն գործունէութեան կը ձեռնարկեն, որուն հիմնական կէտերը կ՚ըլլան, աթոռը Կիլիկիայէ ետ դարձնել, Աղթամարի աթոռն ալ դադրեցնել, եւ հայրապետական աթոռը Լուսաւորչահիմն Էջմիածնի մէջ նորոգել: Աղթամարի կաթողիկոսն ալ այդ ծրագիրին համակերպած կը տեսնուի, ընդհանուր հայրապետական աթոռին ժառանգութիւնը իրեն յանձնուելուն վստահանալով: Հետեւաբար խնդիրին լուծումը այլեւս Դաւիթի կողմէն ալ դժուարութեան չէր հանդիպեր: Այդ կերպով իրապէս եւ օրինաւորապէս կատարուած պիտի ըլլար, ինչ որ յետագայք թիւրիմացութեամբ ըրին, Դաւիթ Աղթամարցին հայրապետաց շարքն անցընելով ( § 1375):

1410. ԽԱՆՁՈՂԱՏ ԳԱՀԸՆԿԷՑ

Արեւելեայք կ՚որոշեն, իբրեւ մեծ ձեռնարկին նախաքայլ, պատուիրակ մը ղրկել Սիս, քննիչի եւ այցելուի եւ բարեկարգիչի պաշտօնով, որ տեղւոյն վրայ կացութիւնը ուսումնասիրէ եւ գործը պատրաստէ, եւ այդ պաշտօնը կը յանձնուի Երուսաղէմի պատրիարք Պօղոս արքեպիսկոպոսին, որ Սարգիս պատրիարքի յաջորդած էր ( § 1393): Պօղոս ծնած էր Այրարատայ Գառնի քաղաքը, ինչպէս յայտնապէս կը վկայէ Դաւիթ Գառնեցի յիշատակագիրը, Հաւուցթառի վանքին համար ընդօրինակուած երկու մաշտոցներու մէջ ( ԹՈՐ. Ա. 233. Բ. 339): Ասկէ կը հետեւի թէ Արեւելեաններուն խումբէն էր Պօղոս եւ Տաթեւի աշակերտութենէն, եւ Երուսաղէմի միաբանելով մինչեւ պատրիարքութիւն բարձրացած: Հետեւաբար Պօղոս, թէ' իր ուղղութեամբ եւ թէ տեղական պարագաներու հմուտ եւ փորձառու ըլլալով` յարմարագոյն անձն է դիտուած պաշտօնը կատարելու: Իրեն պատրիարքութեան սկիզբը թէպէտ 1417-ին կը կարծուէր ( ԲԱՌ. 47), սակայն մուրհակներու վկայութեամբ 1413-ին արդէն պատրիարք կը նշանակուի ( ԱՍՏ. Ա. 219), եւ Երուսաղէմի համար ալ օգտակար ըրած էր իր պաշտօնը ( § 1393): Կիլիկիա անցնելուն թուականն ալ ճշդուած չէ, յիշատակարան մը, պատրիարքութենէն յետ սուղ ինչ աւուրց կը գրէ ( ԱՍՏ. Ա. 220), ուրիշ տեղ միայն ամս երկուս պատրիարքութիւն վարած կ՚ըսուի ( ԲԱՌ. 47), ուրիշ մըն ալ մինչեւ 1418 կը յետաձգէ Սիս երթալը ( ՉԱՄ. Գ. 458): Տարբերութիւնները բաղդատելէ ետքը հաւանական կը գտնենք 1417-ին դնել Պօղոսի Սիս երթալը, Խանձողատին անկումէն տարի մը առաջ: Այս տեղ ալ նորէն մեզի կը պակսին պատմական յիշատակներ, սակայն գործին` Խանձողատի գահընկէցութեամբ եւ աքսորով վերջանալը, յայտնապէս կը ցուցնէ, թէ Պօղոս կրցած է մեջ տեղ հանել անոր զեղծումները, եւ յաջողած է անկէ բաժնել ու հեռացնել, իր գործակիցները ու շահակիցները, եղանակ ալ գտած է տեղւոյն ամիրային իրեն գրաւել: Քննչութեան արդիւնքը այն եղաւ, որ Պօղոս` զեղծարար Գրիգորը տապալեց, ինքն զօրացաւ, եւ նկուն արար զայն ի ձեռն այլազգի Ամիրային Կիլիկեցւոց ( ՉԱՄ. Գ. 457): Գրիգորի գահընկէցութեան հետ յիշուած է եւս թէ աքսորեցին ( ԴԱՎ. 336), ինչ որ քաղաքական իշխանութեան գործակցութիւնը կը ցուցնէ, առանց իմացնելու թէ ինչպէս եւ ուր: Գուցէ բանտարկութիւն ալ յաջորդեց աթոռէն վտարումին: Աւելի ցաւալի է ինչ որ ասի ի գաւազանագիրս ինչ, թէ նաեւ հոգւով սպանին զնա ( ՉԱՄ. Գ. 457): Այդ բացատրութիւնը մերիններուն գրիչին ներքեւ ուրացութեան իմաստն ունի, եւ անմիջապէս միտք կը բերէ, թէ ամիրային ձեռքէն եւ անոր բռնութիւններէն եւ բռնադատութիւններէն ազատելու համար հաւատափոխութեան յանձնառու եղած ըլլայ, ինչ որ հայրապետական աթոռին պատուոյն համար` չէինք ուզեր, որ ստոյգ ըլլար: Բայց թէ անկէ ետքը ինչ ըրաւ, ինչչափ ապրեցաւ, եւ ինչ կացութեան մէջ մեռաւ, մթութեան մէջ կը մնան մեզի համար:

1411. ԿԱՆՈՆԱԿԱՆ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆ

Դիւրին է ընդունիլ գործին, այսինքն կաթողիկոսներուն գահընկէցութեան օրինաւորութիւնը, որչափ ալ թերի ըլլան, պատմական յիշատակները, որոնք բաւական են Խանձողատին իսկապէս անարժան մը ըլլալը հաւաստել: Բայց ամէն պարագայի մէջ անհրաժեշտ կը նկատենք, որ գահընկէցութիւնը քննութեամբ եւ վճռով, կանոնական օրէնքով եւ ժողովական հեղինակութեամբ պէտք է տեղի ունենայ, որպէսզի կաթողիկոսը օրինաւորապէս գահընկէց սեպուի, եւ տեղը անցնողը հակաթոռ մը չնկատուի: Ներկայ պարագայիս մէջ պահանջուած պայմանները, եւ աքսորեցին ըսելն ալ աւելի բռնական քան թէ օրինական գործի մը երեւոյթը կու տայ, իսկ մենք, հակառակ որոշ յիշատակներ չգտնելնուս, օրինական գործողութեան մը դիմաց գտնուիլ կը կարծենք: Առ այս մեզի իբր փաստ կը ծառայեն, Պօղոսի իբրեւ քննիչ ղրկուիլը, եւ անոր ուղղամիտ եւ ուղղադատ անձ մը ըլլալը, որ հարկաւ կատարեց այնչափ ինչ, որչափ որ հնար էր ընել Սիսի մէջ տիրող անկարգութեանց մէջ: Պօղոս կրցած է, ինչպէս յիշեցինք, Խանձողատին զեղծումները երեւան հանել, եւ Աթոռին մէջ գտնուող եպիսկոպոսներու եւ վարդապետներու եւ Սիսի իշխանաւորներու գործակցութեամբ որոշում տալ եւ գործադրել. արդէն Արեւելեայց հաւանութիւնը կանխաւ ապահովուած էր, իրեն տրուած յանձնարարական պաշտօնով: Ամէն առթի մէջ Խանձողատին անձը` տխուր դէմք մը, եւ իր վախճանը` դժպհի աղէտ մը ըլլալէ չդադրիր, ինչ որ ինքն իրեն կը բաւէ Սսոյ աթոռին վերջին ժամանակներուն ցաւալի կացութիւնը պատկերացնել, եւ աթոռի փոխադրութեան կարեւոր ձեռնարկին անհրաժեշտ պէտք մը դարձած ըլլալը հաստատել:

1412. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Քաղաքական տեսակէտէն ալ ալեկոծ միջոց մըն է Խանձողատի ժամանակը: Ախլցխա քաղաքի մէջ, որ Վրաց թագաւորութեան ներքեւ էր, հետզհետէ շատցած էին Պարսիկներ, զի յիմար իշխանն` որդի Արտբուզին Իւանէի, բարձրացուցեալ էր զնոսա, մինչեւ իսկ քրիստոնէից նախանձը շարժել: Վրացի եւ Հայ երիտասարդաց խումբ մը օր մը խոզի ոսկրներ կը նետէ անոնց մզկիթը, որուն վրայ Պարսիկներ վրէժխնդիր ըլլալու համար Գարա-Եուսուֆի հրաւէր կ՚ընեն եւ քաղաքը անոր կը մատնեն, եւ կատաղի եւ անողորմ կոտորածի կ՚ենթարկեն: Ոչ միայն իբրեւ զգառն անմեղ զենուին ի վեր քան զհամար եւ զթիւ մտաց մարդկան, այլ եւ գերի առեալ զկին եւ զտղայ, զկարգաւոր եւ զաշխարհական ( ՄԵԾ. 77), ծանր փրկանքներով ազատութիւն կու տային, որով կամաւորապէս կը թալնուէին քրիստոնեաներ, կանայք զզարդարանս իւրեանց կողոպտէին, եւ ում ոչխարիկ եւ ում տաւարիկ կայր` տային եւ գնէին: Եուսուֆի կատարած Ախլցխայի կոտորածին թուական նշանակուած է 1416 տարին, ուսկից ետքը դէպ Ասորիք ալ կ՚արշաւէր, բայց կ՚երթար խրոխտ իբրեւ աղուէս, եւ կը դառնար իբրեւ ջղջկան տկար ( ՄԵԾ. 78): Օսման Աքքօյունլու առիթէն օգտուեցաւ մինչեւ Երզնկա արշաւել 1417-ին, երբ Լէնկթիմուրի որդին Շահռուհն ալ Թաւրէզի վրայ կը քալէր, այլ հիւանդացեալ սատակեցաւ բռնաւորն այն Յուսուփ, որ է Գարաքօյունլու Գարա-Եուսուֆը, իր բանակն ցրուեցաւ եւ մէկ մասը եկաւ ձմերել ի լալի եւ ողորմելի աշխարհն Քաջբերունեաց ( ՄԵԾ. 79): Իսկ Թաթարներ սփռուեցան ամէն կողմեր, մինչեւ որ Իսքէնտէր Պաղտատէ եկաւ ( § 1406), իր Գարագօյունլուները հաւաքեց, եւ եղբօրը Ասպահանին հետ նոր պատերազմի պատրաստուեցաւ, յաջող յարձակում մըն ալ կատարեց ( ՄԵԾ. 80), բայց ոչ վերջնական յաղթութեամբ: Շահռուհ նորէն խմբուեցաւ եւ ուղտերն ու անասունները առջեւէն քշելով, եւ կախարդական արհեստներու ալ դիմելով, կրցաւ Թիւրքմէնները շփոթել եւ ջարդել, եւ Իսքէնտէր ու Ասպահան մինչեւ Մերդին եւ Մուսուլ փախան 1421-ին ( ՄԵԾ. 81), բայց Շահռուհի ետ դառնալուն վրայ, կրցաւ Իսքէնտէր նորէն գալ եւ Թաւրէզի մէջ թագաւորել 1422-ին ( ՄԵԾ. 83): Տարբեր չէր Փոքր Ասիոյ ալ կացութիւնը, ուր Եգիպտացիք, Գարամանցիք եւ Օսմանցիք իրարու հետ կը մաքառէին աշխարհակալութիւննին ընդարձակել: Կիլիկիա էր երեքին սահմանակցութեան երկիրը, եւ Տարսոն քաղաքը իբրեւ կարեւոր կեդրոն, ձեռքէ ձեռք կ՚անցնէր փոխադարձ յաղթութիւններով: Մէհէմմէտ Չէլէպի, Օսմանեանց սուլտան Պայազիտ Եըլտըրըմի որդին ու յաջորդը ( § 1385), նախ առաւ Տարսոնը Ռամազանեաց ձեռքէն 1415-ին, բայց երեք տարիէն Եգիպտացիք գրաւեցին 1418-ին, միւս տարին 1419-ին Գարամանեցիք զօրացան, սակայն նորէն եկան Եգիպտացիք 1420-ին եւ Գարամանցիները հալածեցին ( ՍԻՍ. 560): Սիսի անունը չ՚յիշուիր այդ պատերազմներուն մէջ, ուր կը շարունակէր Ռամազանեանց իշխանապետութիւնը ( § 1387) ամբողջ Խանձողատի ժամանակը, եւ յաջորդին ալ առաջին տարիները: