Ազգապատում. հատոր Բ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ՂԱԶԱՐ Ա. ՋԱՀԿԵՑԻ

1991. ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐԸ

Մայրաթոռի միաբանութիւնը, հազիւ հանգուցեալ կաթողիկոսին թաղումը կատարած, յաջորդին ընտրութեան մասին հաւաքուեցաւ, բայց ընդհանուր համաձայնութիւն չկար: Մեծամասնութեան միտքը Շղթայակիրին վրայ էր, որ Երուսաղէմը վերակենդանացուցած էր, եւ թէպէտ ծերացած էր, այլ տակաւին ժիր ու գործօն ու փորձառու ըլլալով` Էջմիածինն ալ կրնար վերակենդանացնել: Այդ ատեններ ընտրական իրաւունքը գլխաւորապէս Մայրաթոռոյ միաբանութեան ձեռքն էր, այն պայմանով որ Պարսկահայ եւ Տաճկահայ կեդրոններն ալ, այսինքն Ասպահան եւ Կոստանդնուպոլիս ալ` հաւանութիւն տային, եւ երկու պետութեանց ալ հրովարտակները ստանային: Շղթայակիրէն զատ կաթողիկոսական ընտրելի կը ցուցուէին երկու մեծ կեդրոնները գտնուող Մայրաթոռի նուիրակները, Պետրոս Հռոմկլայեցին Կ. Պոլսոյ եւ Ղազար Ջահկեցին Զմիւռնիոյ: Տեղապահին ով ըլլալը յիշուած չէ, բայց ամենայն հաւանականութեամբ, հանգուցելոյն աթոռակալ Աղեքսանդր եպիսկոպոսն էր 1947), երբեմն Եւդոկիոյ նուիրակը 1970): Մայրաթոռի կողմէն պատուիրակ նշանակուեցան Թովմաս ու Մկրտիչ վարդապետները (ԱՍՏ. Բ. 50), եւ Կ. Պոլիս եկան, նախապէս Գրիգոր Շղթայակիրը կաթողիկոսութեան կոչելու հրահանգով, եւ եթէ այն չհաւանի, Պետրոս եւ Ղազար նուիրակներէն մէկը որոշելու` Կ. Պոլսեցոց հետ համաձայնութեամբ: Մասնաւոր նամակներ ալ կային` Էջմիածինէ Կ. Պոլիս գրուած, այս վերջիններուն` եւ գլխաւորապէս Ղազարին պաշտպանութեան: Պատուիրակները Կ. Պոլիս բերին նախորդին մահուան գոյժը ու յաջորդի ընտրութեան առաջարկները, երբ Կ. Պոլսոյ մէջ տաք կերպով համերաշխութեան ճիգեր կը թափուէին 1985): Շղթայակիրին անձին վրայ` Մայրաթոռի միաբանութեան ցուցած նախադասութիւնը, ազգին մէջ զգացուած ընդհանուր յարգանքը, եւ Կոլոտի իր հայրապատիւ ընկերակցին հետ ունեցած ներքին կապը, կասկածի տեղի թող չէին տար Կ. Պոլսոյ եկեղեցական եւ աշխարհական մեծամեծներուն միտքին վրայ, եւ առաջին գումարումով, Գրիգոր Շիրուանցի պատրիարքը, Երուսաղէմի Շղթայակիրը, կաթողիկոս հռչակուեցաւ, բայց միայն ինքն դժկամակ գտնուեցաւ: Ըլլայ իր յառաջացեալ տարիքը, ըլլայ Երուսաղէմէ չբաժնուելու զգացումը` կենսական խնդիրներուն չլուծուած միջոցին 1985), ըլլայ միաբանութեան մէջ կատարեալ համաձայնութիւն չտիրելը, եւ ուրիշ ընտրելիներ առջեւ անցընելու համար ոմանց ջանքերը (ՉԱՄ. Գ. 819), Շղթայակիրը հեռացուցին կաթողիկոսական ընտրութենէն, եւ բացարձակապէս մերժեց զայն ընդունիլ. Կոլոտի եւ ուրիշներու թախանձնանքներն ալ չզօրեցին անոր հաստատամտութիւնը դրդուել: Ինքն իր յայտարարութեանց մէջ կը յիշէ` թէ այս երիցս անգամ եղեւ, որ զինքն կաթողիկոս ընտրել կ՚ուզեն, որով կը տեսնուի թէ Ուլնեցիին եւ Խոշաբեցիին ընտրութեանց ատեն ալ իրեն առաջարկներ եղած են, զի Կրետացիին հապճեպ ընտրութեան առթիւ առաջարկի ատեն չէ կրցած ըլլալ: Իսկ իր հրաժարելուն համար, պարզապէս անհնարին վարկուցեալ զիրսն` հրաժարեցայ, կ՚ըսէ, եւ այնպէս ալ Մայր եկեղեցւոյ մէջ յայտարարած է (ԱՍՏ. Բ. 50): Պետրոս Քիւթիւր, մայրաքաղաքին մէջ ներկայ, ամէն ջանք թափեց իրեն համար, կողմնակից խումբ մըն ալ ճարեց, բայց անցեալին մէջ բռնած ստոր ընթացքը եւ անտեղի ձեռնարկները 1986) մոռցուած չէին, եւ Կոլոտի անհնար էր անոր ընտրելիութեան կողմն ըլլալ, եւ յաղթեց Ղազար Ջահկեցիին ընտրութեան կողմը, եւ կաթողիկոս հռչակուեցաւ 1737 յուլիսին (ՋԱՄ. Բ. 45), եւ օգոստոս 7-ին իրեն գրուեցաւ (ԱՍՏ. Բ. 51): Նկատողութեան արժանի է որ Կոլոտը կաթողիկոսացնելու խօսք չէ եղած, ինչ որ կրնանք վերագրել Երեւանեցիին դրդումներուն, եւ Կոլոտը Մայրաթոռին անհամակիր ցուցած ըլլալուն 1945):

1992. ՋԱՀԿԵՑԻՆ Ի ԿԱՐԻՆ

Ղազար, բնիկ Ջահուկ գաւառէն, Ունիթորներու կեդրոնէն, բայց ոչ Ունիթորներու խումբէն, ընդհակառակն բուռն ընդդիմադրութիւն տածող մըն էր անոնց դէմ, եւ Դրախտ Ցանկալի գիրքը զոր 1735-ին հրատարակած էր Կ. Պոլսոյ մէջ, հերքմնագիր մըն էր հռոմէական վարդապետութեանց, եւ բացատրութիւն Հայ եկեղեցւոյ դաւանութեան, պատմութեան հետ խառն: Նոյն միջոցներուն երգարան մըն ալ մամուլին յանձնած էր, որ 1737 օգոստոս 1-ին լոյս եկաւ: Ղազար թէպէտ ուսումնականի եւ աստուածաբանի համբաւ ունէր, բայց վարքով եւ բարքով նոյն հռչակը չէր վայելեր, եւ իբրեւ փառասէր եւ մեծամիտ ճանչցուած էր, ու շքեղ եւ իշխանավայել կենցաղ կը վարէր, վասնզի հարուստ ալ էր (ԶԱՄ. Բ. 46): Այսու հանդերձ նախադասուեցաւ թէ Կոլոտէ եւ թէ Կ. Պոլսոյ մեծամեծներէն, իբր շատ մասերով Պետրոսի վրայ գերազանց, եւ զի գիտնական եւ ճարտարալեզու, հանճարեղ եւ փառապերճ ըլլալով (ՋԱՄ. 31), կրնար զօրաւոր նեցուկ եւ զարգացուցիչ ըլլալ հայրապետական աթոռին: Ղազար այդ բնաւորութեան նշանը տուաւ` իր ընտրութեան լուրը առնելուն պէս: Չսպասեց որ պետական հաստատութիւնները ստացուին, այլ վստահանալով թէ պատրիարքը զայն կը ճարէ եւ ետեւէն կը հասցընէ, փութաց իր ուղեւորութեան պատրաստութիւնները տեսնել, հետեւորդներու եւ սպասաւորներու եւ սպասներու այնպիսի ճոխութեամբ, որուն նմանը չէր տեսեալ եւ ոչ իսկ լուեալ ի կաթողիկոսունս Հայոց (ՉԱՄ. Գ. 819), եւ այս տեսակ հանդերձանքով Զմիւռնիայէ մեկնեցաւ, եւ ցամաքային ճամբով, եւ անշուշտ հանդիպած քաղաքներն ալ ցուցադրութիւններ ընելով Կարին հասաւ 1737-ին վերջերը: Կարին վերջին քաղաքն էր Օսմանեան տէրութեան, եւ անկէ Պարսկական հողը պիտի մտնէր. ուստի Կարնոյ կուսակալը առիթ ունէր Ղազարի մասին տեղեկութիւններ առնել եւ պարտուպատշաճը կարգադրել: Դժբախտաբար անհամաձայնութիւն ինկաւ Ղազարի եւ կուսակալին միջեւ, եւ ասոր սկզբնապատճառ եղաւ Ղազարի ձին, խայտ եւ ազնիւ յոյժ, զոր կուսակալը ընծայ ուզեց, եւ Ղազար ընդդիմացաւ եւ կուսակալը զինքն անարգուած կարծելով ուզեց վրէժ լուծել: Իմանալով որ նա դեռ հրովարտակ չունի, զայն իբրեւ խաբեբայ մը նկատել ուզեց, եւ հրամայեց պահել զնա յարգելանս, իբրեւ պատուաւոր բանտարկութիւն, եւ միանգամայն Կ. Պոլիս գրեց ու ամբաստանեց: Ղազար նեղի մտած, եւ ազատութիւնը ձեռք բերելու եւ վտանգի չհանդիպելու ստիպուած, ձին տուաւ, ադամանդեայ մատանի մըն ալ վրան աւելցուց (ՉԱՄ. Գ. 819): Ղազար իմացաւ միանգամայն, որ լատինամիտներու սադրանքով կուսակալը հրովարտակ չ՚ունենալուն լուրը առած էր, ուստի անոնց քսութենէն նեղուած ըլլալուն, ինքն ալ ձեռնարկեց անոնցմէ իր վրէժը լուծել: Անոնց ընթացքը եւ պետական հրամանները եւ գլխաւորներուն անունները կուսակալին ներկայեց, որով շատեր ձերբակալուեցան եւ տուգանքներու դատապարտուեցան: Այդ ձեռնարկներուն ատեն Ղազարի հետ էին նաեւ Սահակ վարդապետ` Ահագին մականուանեալ, Կարնոյ առաջնորդը, եւ Անանիա վարդապետ` Քէլլէճի մականուանեալ (ՉԱՄ. Գ. 820):

1993. ԿԱՐՆՈՅ ԴԷՊՔԵՐԸ

Այդ միջոցին յանկարծ կը մեռնի Կարնոյ կուսակալը, զոր տեղացի Տաճիկներ չարագուշակ կը մեկնեն: Իբր զի քաղաքին մէջ երդում ըրած են եղեր այլեւս կաթոլիկութեան խնդիր չյուզել, որով կուսակալին յանկարծական մահը երդմնազանցութեան պատիժ կը նկատեն, եւ այդ պատճառով նոյն ինքն Ղազարի դէմ կ՚ելլեն, իբր թէ պատճառ տուած ըլլայ: Ղազար գիտցաւ զինքն արդարացնել, թէ ինքն տեղական գործերուն անտեղեակ էր, եւ թէ առաջնորդը հաղորդած էր այդ տեղեկութիւնները: Նիւթական հնչուն փաստերն ալ աւելցուց, եւ ինքզինքը զերծուցանելով փութաց փետրուարի սկիզբը սահմանագլուխը անցնիլ (ԱՍՏ. Բ. 51), եւ Կարսի ճամբով Պարսկական հողը մտնել: Բարեբախտաբար կրցած էր հեռանալ, զի քիչ օր ետքը յատուկ սուրհանդակ կը հասնէր Կարին` եպարքոսական հրամանով, որ մեռած կուսակալին ամբաստանութեանց վրայ կը պատուիրէր Ղազարը անմիջապէս Կ. Պոլիս ղրկել հսկողութեան ներքեւ: Կարնոյ Տաճիկներ իրենց ցասումը Սահակի վրայ դարձուցին, զոր Չիլ ղարապաշ կը կոչէին, եւ խնդրակներ յղելով Բասենի մէջ ձերբակալել տուին առժամեայ կուսակալութեան ձեռքով, եւ Կարին բերելով շղթայակապ բանտարկեցին: Սակայն Սահակ կրցաւ զանազան փաստերով եւ մանաւանդ նիւթականներով` զինքն արդարացնել, եւ բանտէն ազատիլ: Բայց հազիւ թէ ազատած, իր արկածին պատճառ` Ղազարին եղած ըլլալը իմանալով, եկեղեցւոյ բեմէն անոր դէմ խօսեցաւ բազում ինչ, եւ բոլոր իր վիճակին մէջ արգել նզովիւք, մի' յիշել զանուն նորա: Սակայն Ղազար արդէն Էջմիածին հասած էր, եւ օծումն ալ ընդունելով հայրապետական աթոռին տիրացած (ՉԱՄ. Գ. 821): Ամսաթիւը ոչ Երեւանեցին (ՋԱՄ. 31) եւ ոչ Շահխաթունեան (ՇԱՀ. Ա. 227) կու տան, բաւականանալով 1738 տարեթիւը նշանակել, այլ փետրուար 2-ին Կարինէ մեկնիլը հաշուելով (ԱՍՏ. Բ. 51), իդէպ է օծումը դնել զատկին մօտ օրերը, որ այն տարի ապրիլ 2-ին կը հանդիպէր: Ղազարի առաջին գործերէն մին եղաւ եպիսկոպոս ձեռնադրել իր եղբայրը Մկրտիչ այրի քահանան, եւ շահաբեր գործեր յանձնել միւս երկու եղբայրներուն, Անդրէաս եւ Յովսէփ Ջահկեցի քահանաներուն: Ամիսս քանի մը աշխատեցաւ առատ ընծաներ պատրաստել, եւ շուտով Ասպահան գնաց, եւ Նատիր շահէն իրեն կաթողիկոսութեան հաստատութիւնը ընդունեցաւ եւ պատուասիրուեցաւ, ու Էջմիածին դարձաւ 1738 ամառուան վերջերը: Հոն եկած էր նաեւ Պետրոս Քիւթիւր նուիրակը, որ Կարինէ անցնելով այնտեղի գործերուն մասին տեղեկութիւններ քաղած էր, եւ Աղեքսանդր Բիւզանդացի վարդապետն ալ իրեն օգնական առնելով, ջանաց Ղազարին սիրտը ցածուցանել Սահակի մասին, եւ երկուքին մէջ հաշտութիւն գոյացնել. Ղազարի կողմէն վճարում մըն ալ կարգադրելով ի նպաստ Սահակի, բանտարկութեան եւ ազատութեան առթիւ ըրած ծախքերուն փոխարէն (ՉԱՄ. Գ. 821): Հաւանական կը կարծենք, բայց բացարձակ չենք կրնար պնդել, թէ Աղեքսանդր Բիւզանդացին, միեւնոյն Եւդոկիոյ նուիրակ 1970), եւ Կրետացիին աթոռակալ 1974) Աղեքսանդր վարդապետն է, որ Քարաքաշ ալ կոչուած է:

1994. Կ. ՊՈԼՍՈՅ ՇՓՈԹՆԵՐԸ

Կ. Պոլսոյ մէջ 1737-ին եռանդուն էին համերաշխութեան ճիգերը 1986), բայց ծայրայեղ շարժումներ դիւրաւ իրարու կը յաջորդեն: Նոյն տարին յուլիսի մէջ տեղի ունեցած էր կաթողիկոսական ընտրութիւնը, եւ Քիւթիւր նորէն Կոլոտի դէմ գրգռուած էր, զի անոր երեսէն զինքն զրկուած կը կարծէր կաթողիկոսական ընտրութենէն: Ուստի կը սկսի նորէն յուզումներ շարժել անոր դէմ, եւ գրգռութեան առիթ կ՚ընէր երեք նզովքի տուներուն երգեցողութիւնը, որուն մասին Կոլոտ կրկին խոստում ըրած էր դեսպանին 1995). սակայն Քիւթիւր զայն իբր կաթոլիկութեան հանդէպ զիջում կը ներկայէր, եւ նախանձայոյզները կը գրգռէր, եւ կը յաջողէր մանաւանդ Կեսարացիներուն մէջ: Մօտալուտ էր Եփեսոսի ժողովին տօնը օգոստոս 6-ին, եւ ոչ 8-ին (ԱՍՏ. Բ. 52), եւ պէտք է այն օր հանդիպած ըսել Մայրեկեղեցւոյ մէջ պատահած շփոթութիւնը, երբ Կեսարացիներ Քիւթիւրէ գրգռուած պատրիարքի վրայ յարձակեցան ծեծելու միտքով (ԶԱՄ. Բ. 46), եւ Կոլոտ փախչելով ազատեցաւ կատղած ամբոխին ձեռքէն: Օգոստոս 12-ը իբր շփոթի օր նշանակելը թիւրիմացութիւն մըն է (ԶԱՄ. Բ. 87), զի պահոց ուրբաթին կ՚իյնայ, եւ շփոթի պատճառ մը չի կրնար ընծայել, մինչ շատ յարմար կու գայ ժողովի տօնին օրը: Քիւթիւրին պատրաստած աղմուկը հանդարտեցնելու աշխատեցան Յակոբ Նալեան եւ Սարգիս Սարաֆեան իր աշակերտները, որոնք Կոլոտի համակիրները յորդորեցին եկեղեցւոյ մէջ գոռալ մեծ աղաղակաւ, ասելով` ոflւր է պատրիարք մեր լաւ, եւ սպառնալով` պատրաստ եմք ահա' հալածել զՔիւթիւր, որով Կոլոտ դառնայր ի յարկ իւր փառօք, եւ էր գոհ (ԳԱԼ. 36): Հանդիպած շփոթը եւ նզովքի շարականին համար ժողովրդական ցոյցը` առիթ տուաւ Վիլնէօվ դեսպանին կառավարութեան բողոքել, թէ նզովս կարդան ի վերայ մեծիս մերոյ, եւ եպարքոսութիւնն ալ հարկադրուած` գլխաւոր պաշտօնեաներէն մէկը 40 բարապաններով պատրիարքին յղեց, որ Գաղղիոյ տէրութեան մեծին դէմ նզովք կարդալը արգելէ, որուն Կոլոտ կը պատասխանէ, թէ ի վաղուց հետէ դադարեցուցաք մեք զայդ: Այդ պատգամաւորութիւնը կը դրուի երկաւուրբ յառաջ քան զտօն Վերափոխման (ՉԱՄ. Գ. 822), եւ կը հանդիպի օգոստոս 12-ին, պահոց ուրբաթին, եւ պէտք է ըստ այնմ եղելութեանց ամսաթիւերը ճշդել, ինչպէս որ մենք ալ ցուցուցինք: Միտքերը տակաւին չէին հանդարտած, եւ յուզումները կը սպառնային կրկնուիլ Նիկիոյ ժողովին տօնին օրը, սեպտեմբեր 3-ին, եւ ոչ 5-ին (ԶԱՄ. Բ. 87), եւ իրօք ալ այն օր Իւսկիւտար (ԱՍՏ. Բ. 51) եւ ի տեղիս տեղիս (ՉԱՄ. Գ. 823), շարականին երեք տուները երգել տուողներ եղան, բայց մէջերնին վեց հոգի ձերբակալուեցան եւ թիապարտութեամբ բանտարկուեցան (ԱՍՏ. Բ. 51), թէպէտ քանի մը ամիսէ միջնորդութեամբ ազատեցան (ՉԱՄ. Գ. 823): Այս եղելութեանց վրայ Քիւթիւր Կ. Պոլիսէ խոյս կու տայ, իրեն համար ալ վախնալով, եւ Էջմիածին կը դառնայ, ուր հասած լինելը պատմեցինք արդէն 1993): Սոյն միջոցին տեղի ունեցած էր Ղազարի նկատմամբ Կարնոյ կուսակալին ամբաստանութիւնը 1992), որուն մասին Կոլոտ ու Շղթայակիր բազումս աշխատ եղեն. սակայն եպարքոսական հրամանը ետ չ՚առնուեցաւ, եւ միայն հանդարտեցան, երբ լսեցին թէ Ղազար արդէն զերծեալ է ի Սուրբ Էջմիածին (ԱՍՏ. Բ. 51): Այդ միջոցին եպարքոսական իշխանութիւնը կը վարէր Եէկէն Մէհմէտ փաշա, իբրեւ տեղակալ, զի եպարքոս Մուհսինզատէ Ապտուլլահ փաշա, Աւստրիացոց դէմ պատերազմի կը գտնուէր, եւ թէպէտ յաղթութեամբ դարձաւ, սակայն պալատական բանսարկութեամբ պաշտօնանկ եղաւ (ԺՈՒ. 341), եւ Թեսաղոնիկէ աքսորուեցաւ, եւ 1738 յունուար 20-ին իրեն յաջորդեց տեղակալ Եէկէն Մէհմէտ փաշա, որ կը ներկայացուի իբր հակառակ քրիստոնէից (ԱՍՏ. Բ. 51):

1995. ԼԱՏԻՆԱԿԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐ

Գրիգոր պատրիարք Կ. Պոլիս եկած էր Երուսաղէմի գործերուն վճռական լուծում մը տալու համար, եւ գրեթէ երկու տարի էր, որ Կ. Պոլիս կը դեգերէր, եւ գործը չէր վերջանար վերահաս եղելութեանց պատճառով: Երկու պատրիարքներուն մեծ յոյսը Գաղղիոյ դեսպանին վրայ էր, որ թէ իր սեփական լատինական տեսակէտէն ալ Հայերուն դատին նպաստաւոր էր, եւ թէ կառավարութեան առջեւ ալ ազդեցիկ դիրք կը վայելէր: Յերկրորդ կիրակէի աղուհացից, 1738 փետրուար 19-ին, նոր դիմում մը ըրին դեսպանին` միջնորդ եւ ձեռնտու ըլլալ խնդիրին կարգադրութեան, բայց ահա մարտ 13-ին պատերազմի դրօշը մէջտեղ ելաւ, եւ եպարքոս Եէկէն Մէհէմմէտ փաշա Աւստրիոյ դէմ պատերազմի մեկնեցաւ (ԱՍՏ. Բ. 51), եւ նորէն գործեր կաղալու սկսան: Ժողովուրդին մէջ լատինական մերձեցումներ խնդիր չէին յուզեր Երուսաղէմի գործին սիրոյն, բայց երբոր այն ալ կը դանդաղէր, դժգոհները լեզու հանելու առիթ կու տար, եւ զատկին մօտենալուն, ապրիլ 2-ին, նորէն շշուկներ բարձրացան, երբոր տեսան, թէ ժողովուրդք միւսոյ կողման, իմա կաթոլիկութեան համամիտները, երթան ամբոխիւ յեկեղեցիս Լատինացւոց: Սկսան Կոլոտը ստիպել, նա ալ Լատին եպիսկոպոսին մարդ ղրկեց, Գաղղիական դեսպանին անձամբ գնաց, որ եղած պայմանները յարգուին, եւ ժողովուրդին գանգատի առիթներ չտրուին (ՉԱՄ. Գ. 823): Այստեղ հռոմէական պատմագիրը կ՚ըսէ թէ դեսպանը պատրիարքէն պահանջեց թուղթ դաւանութեան առ ի յայտարարութիւն ողջամտութեան հաւատոյն, եւ թէ պատրիարքն ալ ուզուած հռոմէական դաւանութիւնը տուաւ (ՉԱՄ. Գ. 823): Սակայն աղբիւրներու հետեւողութեամբ կը տեսնուի, թէ դեսպանը ուզեց միայն տեսնալ զամենայն վաւերական գրեանս Հայոց իրենց իրաւունքներուն նկատմամբ, որ ըստ այնմ նոր հրովարտակ կազմել տալու աշխատի (ԱՍՏ. Բ. 53): Իրօք ալ ենթադրելի իսկ չէ, որ դեսպանը, կանուխէն Հայոց հետ համաձայնութիւն գոյացնելէն ետքը, նորէն դաւանութիւն ուզէ: Բայց սեւեռեալ գաղափարով գրողներուն վրայ` այս տեսակ այլայլութիւններ շատ տեսնուելու չեն: Ինչ ալ ըլլան այդ պարագաները, դեսպանին միջամտութիւնը հանդարտեցուց շշուկները, եւ լատինամիտներ սկսան Հայ եկեղեցիներու մէջ երեւալ: Յատուկ եկեղեցի մը ունենալու գաղափարը նորէն մէջտեղ հանեցին, սակայն Կոլոտ խոհական կերպերով արգելեց, եւ ոչ եթող ումեք նոր ինչ առնել (ՉԱՄ. Գ. 823): Այսու հանդերձ գործերը երկարեցին, եւ ամ մի ողջոյն նորէն պարապի անցաւ, զի նոյն ինքն Վիլնէօվ դեսպանը, որ իր տէրութեան կողմէն Տաճկաց եւ Աւստրիացւոց մէջ հաշտութիւն գոյացնելու պաշտօն ստացաւ, պարտաւորուեցաւ պատերազմին տեղը երթալ, Սերպիոյ Պելկրատ քաղաքին առջեւը (ԺՈՒ. 342): Շղթայակիրը այդ պարապէն օգտուեցաւ Իւսկիւտարի մէջ Երուսաղէմի վանքին այգին ընդարձակելու` երեք նոյնչափ մասեր աւելցնելով, մէջը վանատուն եւ մատուռ շինելու, եւ Մայր եկեղեցւոյ շրջանակին մէջ ալ Երուսաղէմի հոգետուն մը հաստատելու (ԱՍՏ. Բ. 52):

1996. ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԽՆԴԻՐԸ

Տաճկաց եւ Աւստրիացւոց պատերազմին վերջը Տաճկաց նպաստաւոր դարձաւ, հաշտութեան փափաքներ տիրեցին, եւ որովհետեւ Եէկէն Մէհմէտ հակառակ կը կենար, եպարքոսութենէ ինկաւ, եւ Ռատոս աքսորուեցաւ, եւ իրեն յաջորդեց Հաճի Մէհմէտ փաշա, Այվազ (ԱՍՏ. Բ. 52), կամ Էլիաս (ԺՈՒ. 342), կամ Էլվիաս (ՆՐՏ. Ա. 244) մականուանեալ: Խաղաղութեան սկզբունքները հաստատուեցան 1739 սեպտեմբեր 1-ին, եւ սեպտեմբեր 18-ին Պելկրատի դաշնագիրները կնքուեցան Աւստրիոյ եւ Ռուսիոյ հետ (ՆՐՏ. Ա. 67), Օսմանցոց նպաստաւոր պայմաններով, որով ասոնք Պելկրատի եւ Օրշօվայի կը տիրէին, Ուլահ եւ Պուղտան իրենց կ՚անցներ, Ազախի դղեակը պիտի քանդուէր, Սեւ Ծովի Ռուսական տորմիղը պիտի ջնջուէր, եւ Ռուսներէ գրաւուած տեղեր ետ պիտի տրուէին (ԺՈՒ. 342): Վիլնէօվ դեսպան, որ յանուն Լուդովիկոս ԺԵ թագաւորի, խաղաղութեան միջնորդն էր եղած, մեծապէս կը բարձրանար Օսմանցոց աչքին, ըստ այնմ ալ կը զօրանար իր ազդեցութիւնը: Շղթայակիր ու Կոլոտ իրաւունք ունէին Գաղղիական պաշտպանութեան վրայ դնել յոյսերնին, եւ հնարաւոր պայմաններով անոր բարեացակամութիւնը մշակել, քանի որ գիտէին թէ Երուսաղէմի խնդիրներուն մէջ Հայոց ու Լատինաց շահերը համերաշխ կ՚ընթանային Յունական ոտնձգութեանց դէմ: Յոյներն ալ զգացին իրենց իսկութիւնը, եւ տեսնելով որ իրենց պահանջները բուռն ընդդիմութեան կը հանդիպին եւ յաջողելու հաւանականութիւն չունին, սկսան հետզհետէ իրենց լեզուն փոխել, եւ Հայերուն մօտենալ, թերեւս վախցան ալ որ մի գուցէ Գաղղիական զօրաւոր եւ կրկին զօրացած ազդեցութիւնը իրենց դէմ գործէ, եւ շահելու տեղ կորուստ ալ ընեն: Անշուշտ այդ տեսութիւնները պատճառ եղան, որով 1739 ապրիլ 7-ին, նոյնիսկ ի դեսպանատան, փոխադարձ դաշնագրութիւն մը գրուեցաւ, ստորագրութեամբ եւ կնքով պատրիարքաց եւ գլխաւորաց երկուց ազգաց, եւ ի բարբառ Իտալացւոց (ԱՍՏ. Բ. 54), որ այն դարուն միջազգային լեզու էր: Այդ դաշնագիրով երկու կողմերն ալ բացարձակ տէր կը մնային այն իրաւունքներուն եւ ստացութիւններուն զորս կը վայելէին, Ասորիք եւ Եթովպացիք եւ Եգիպտացիք Հայերուն հետեւակ կը ճանչցուէին, եւ Հայեր ու Յոյներ ընդհանուր իրաւունքներու մէջ հաւասար կ՚ընդունուէին, Յոյներու նախապատուութեամբ (ԱՍՏ. Բ. 55): Կոլոտ 1739 տարւոյն յունուար 1-ին յատուկ նամակ ալ գրած էր, Գաղղիոյ վարչապետ Անդրէաս Ֆլէօրի կարդինալին (AndrԸ Fleury), հարկաւ Վիլնէօվի խորհրդով, որուն պատասխանը ստացաւ օգոստոս 31 թուականով (ԱՍՏ. Բ. 56), որ Հայոց համար մեծ համակրութիւն կը խոստանար Վիլնէօվի ձեռօք, իսկ դաւանական խնդիր չէր յուզեր բնաւ: Պատասխանին ուշանալուն պատճառը անշուշտ Վիլնէօվի բացակայութիւնն էր, որ պէտք էր Կ. Պոլիս դառնար, որպէսզի պէտք եղածը գործէր: Ըստ այսմ ալ կարգադրուեցաւ, եւ Հայեր նոր հաթթըշէրիֆ կամ նուիրական հրովարտակ ստացան Մահմուտ Ա. սուլտանին կողմէն, որով վճռապէս կ՚որոշուէր, որ զոր ինչ ունէին բաժին ժառանգութիւն, եւ որպիսի եղանակաւ վարէին զպաշտամունս եւ զսովորութիւնս իւրեանց, անխափան պահեն այժմ եւ առյապայն, եւ այլեւս փոխադարձ վէճս եւ խռովութիւնս չհանեն: Հայերուն հետ Լատիններուն համար ալ նմանօրինակ հրովարտակ առնուած պիտի ըլլայ, որ Յոյներ` իրենք ալ ստանալու համար Գաղղիոյ դեսպանին դիմեցին, եւ խնդրանքնին կատարուեցաւ (ԱՍՏ. Բ. 53), որով վասն երից ազգաց համահաւասար հրովարտակներ` ապագային երաշխաւորութիւն եւ հաստատուն օրինագիրք նկատուեցան: Այս կերպով Ս. Յակոբեանց մայրավանքին դէմ Յոյներուն յարուցած պահանջները հերքուեցան, միայն Յոյներէ յափշտակուած վիճակն Հապէշից կամ Եթովպացւոց` անոնց ձեռքը մնաց (ՉԱՄ. Գ. 824): Երուսաղէմի նոր պատմագիրը այդ նշանաւոր հրովարտակին թուականը նշանակել կը մոռնայ, որ 1740-ի հրովարտակի անունով ճանչցուած է:

1997. ՇՂԹԱՅԱԿԻՐ ՅԵՐՈՒՍԱՂԷՄ

Ահա այսպէս վախճան եղեւ այս ահագին յուզմանց եւ խռովութեանց (ԱՍՏ. Բ. 54), եւ Կ. Պոլսոյ մէջ փակուեցան խնդիրները, բայց անդին Երուսաղէմի մէջ նոր վէճ մը բացուած էր Հայոց եւ Լատինաց մէջ, Իւղաբերից սեղանի եւ Բեթղեհէմի եկեղեցւոյն պատճառաւ, հարկաւ վերջնական լուրը առած չ՚ըլլալնուն համար: Որովհետեւ երբոր լուրը Կ. Պոլիս եկաւ, անմիջապէս դեսպանին դիմում եղաւ, որ խստիւ գրեց իրեններուն հրովարտակներուն հիմամբ ընթանալ եւ վէճ չյարուցանել, եւ իր նամակը Շղթայակիրին յանձնեց, որ 1940 մայիս 6-ի նամակով զայն իր տեղապահ Գաբրիէլ վարդապետին ղրկեց, որ Լատիններուն յանձնէ, եւ յուզմունքներ դադրեցան: Շղթայակիր այդ նամակով բազում գովութիւնս գրեաց զդեսպանէն, եւ իրեններուն ալ խրատ եւ յորդորական բանս աւելցուց, որ սիրով հաշտեսցին եւ ջանան չտալ տեղի ատելութեան (ԱՍՏ. Բ. 60): Շղթայակիրի մեծ հոգածութեան նիւթ եղաւ նաեւ մաքրել այն պարտքերը, որոնց ներքեւ ինկաւ չորս տարի տեւող խնդիրին պատճառաւ: Ինքն արդէն այդ գործին վարժ, կրցաւ բարերարներու եւ բարեսէրներու զգացումները շարժել եւ պէտք եղած գումարը ճարել, որով կրցաւ համարձակ գրել, թէ զոր ինչ պարտք արարի ի Կոստանդնուպոլիս զբովանդակն հատուցի հանդերձ շահովն, եւ չմնաց պարտք ի վերայ աթոռոյն: Սակայն ստիպուեցաւ այդ պատճառով Կ. Պոլիս մնալ Զատիկէն ետքն ալ, որ ապրիլ 6-ին կը հանդիպէր, եւ հազիւ օգոստոս 25-ին մեկնեցաւ ծովգնաց ճանապարհով: Ռոտոսթոյի մէջ առաջնորդ Յովհաննէս վարդապետէ հիւրասիրուեցաւ եւ նուէրներ ալ հաւաքեց: Տարտանէլի բերանը Պօղազհիսարին առջեւ նաւերնին խրեցաւ եւ հազիւ ազատեցան: Հռոդոս հանդիպելէ ետքը նաւերնին ջուր առնել սկսաւ, եւ չորս օր գիշեր ու ցերեկ պարպելու աշխատեցան: Վերջապէս Խաչի բարեկենդանին կիրակամուտին սեպտեմբեր 6-ին, եւ ոչ 9-ին, Յոպպէ հասան, եւ Խաչվերացին օրը սեպտեմբեր 14-ին, եւ ոչ 15-ին, Երուսաղէմ մտաւ Շղթայակիրը ուղեկից ուխտաւորներով մէկտեղ, 4 տարի ու 4 ամիսէ աւելի բացակայութենէ ետքը (ԱՍՏ. Բ. 61), սակայն յաջող վերջաւորութեամբ: Շղթայակիրի բացակայութեան միջոցին խնդիրներ պակաս եղած չէին Երուսաղէմի մէջ, սակայն Գաբրիէլ տեղապահ կրցած էր անվտանգ անցընել միջադէպները, եւ ամենայն ինչ կանոնաւոր յանձնեց պատրիարքին: Շղթայակիր թէպէտ ծերացեալ, սակայն ձեռքէն չհանեց աթոռին գործերը, միայն իրեն օգնական եւ իբր ապագայ յաջորդ նշանակեց Թէոդորոս եպիսկոպոս Խորենացին, Տարոնի գաւառէն, ինչպէս կը գրէ Երուսաղէմի պատմագիրը ստոյգ աղբիւրներու հետեւողութեամբ (ԱՍՏ. Բ. 75). եւ չ՚արդարանար ուրիշներուն գրածը, թէ պատրիարքութեան գործերը փոխանցեց ի ձեռս Յարութիւն վարդապետի, եւ վարէր կեանս իբր մենացեալ յաշխարհի (ՉԱՄ. Գ. 824):

1998. ԿՈԼՈՏԻ ՄԱՀԸ

Երբոր Շղթայակիր մեկնեցաւ, Կոլոտ արդէն պարտասած եւ տկարացած, եւ երկարատեւ եւ տագնապալից պատրիարքութենէն յոգնած, պէտք տեսաւ քիչ մը հանգիստ տալ իրեն, եւ ազգայիններու հաւանութեամբ իրեն փոխանորդ կարգեց` իր ընտրելագոյն աշակերտներէն Յակոբ Նալեան եպիսկոպոսը, որ արդէն Կ. Պոլիս կը մնար իբր Կոլոտին օգնական: Իսկ այս անգամ լիազօր իշխանութեամբ տեսակ մը տեղակալութեան դիրք կը ստանար: Այդ առթիւ նոր պատմագիրը կ՚աւելցնէ, թէ Կոլոտ ետ ի մտի, երթալ յուխտ յայլ եւ այլ տեղիս եւ ի Հռոմ (ՉԱՄ. Գ. 824): Բայց նկատելով որ Կոլոտ յոյժ տկարութեան համար գործէ քաշուիլ որոշած էր, հաւանական չ՚երեւիր հեռաւոր ուխտագնացութեանց միտք ունենալը: Անոր տկարութիւնը` խօթագին վշտակրութիւն եղած պիտի ըլլայ, զի Շղթայակիրին մեկնելէն հազիւ վեց ամիս ետքը կեանքը կը կնքէր, տակաւին խորին ծերութեան տարիք չունենալով: Կոլոտ 37 տարեկան պատրիարք ընտրուած էր 1705-ին 1923), եւ 26 տարիէ իվեր պաշտօնը կը վարէր, եւ 63 տարեկան էր տակաւին, որ ընդհանուր տեսակէտով գործէ քաշուելու տարիք չէ: Այս ալ ծանր խօթութեան մը գոյութիւնը կը հաստատէ, թէպէտ յանուանէ յիշուած չէ: Իրօք ալ գրուած կը գտնենք թէ պատրիարքն խօթ էր, եւ ախտն մահառիթ էր (ԳԱԼ. 42): Իր վերջին օրերը ուր անցուցած ըլլալը չենք գիտեր, բայց հաւանաբար իրեն հանգստարան ընտրած էր Իւսկիւտարի հովասուն բարձանց վրայ Շղթայակիրէ շինուած Երուսաղէմական վանատունը, որուն իրաւունք ալ կրնար ունենալ, իբրեւ Երուսաղէմի վերակենդանութեան սկզբնապատճառը: Զի եթէ անուրանալի են Շղթայակիրին Երուսաղէմի համար ունեցած երախտիքը, պէտք չէ մոռնալ թէ առաջին անգամ Երուսաղէմի համար աշխատողն ու ձայն բարձրացնողը 1911), անոր պարտքերուն երաշխաւորութիւնն ստանձնողը 1915), պատրիարքութեանց միացումը ջնջողն ու Շղթայակիրը հրաւիրողը 1924), եւ բոլոր իր պատրիարքութեանը միջոցին Երուսաղէմի համար անձնուէր աշխատողը` Կոլոտն էր եղած: Կոլոտի մահը տեղի ունեցաւ 1741 փետրուար 13-ին, մեծպահոց առաջին ուրբաթ օրը. իսկ յուղարկաւորութիւնը յաջորդ շաբաթ օրը, Տեառնընդառաջին տօնին, անշուշտ Ղալաթիոյ Ս. Լուսաւորիչին մէջ, վասնզի եկեղեցւոյն գաւիթին մէջ ալ պատրաստուեցաւ իր գերեզմանը: Յետ ժամանակաց 1888-ին, Ղալաթիոյ բակին մէջ եղած փոփոխութեանց առթիւ, գաւիթին քանդուելովը, գերեզմանը այժմ բացօթեայ մնացած է, եկեղեցւոյ աւագ դրան մօտ, մտնողին աջակողմը, եւ տապանագիրն ալ ագուցուած է եկեղեցւոյ պատին (ԿՈԼ. 77): Թաղման հանդիսադիրն եղաւ ինքն Նալեան, որ արդէն գործնական կերպով պատրիարքութիւնը վարողն էր, եւ միաձայն հաւանութեամբ, եւ հանգուցելոյն ալ թելադրութեամբ, իսկոյն պաշտօնապէս պատրիարք հռչակուեցաւ: Թէեւ ի նմին իսկ աւուր թաղման` զգեցաւ կ՚ըսուի յարքունի դրան զգեստ իշխանութեան (ՉԱՄ. Գ. 824), կամ ուրիշ բացատրութեամբ` մահուան երկրորդ օրն իսկ հագաւ պատրիարքական խիլան (ԿՈԼ. 76), սակայն ձեռագիր յիշատակարանը կը գրէ թէ փետրուար 15-ին նստաւ պատրիարք (ՍՐԳ. ), որով արքունական հաստատութիւնը կիրակի օր տեղի ունեցած կ՚ըլլայ: Իրօք ալ անպատեհ էր միեւնոյն թաղման օրը այնպիսի հանդէս կատարել:

1999. ԿՈԼՈՏԻ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆԸ

Յովհաննէս պատրիարք Բաղիշեցի, մականուանեալ Կոլոտ, ոչ միայն իր դարուն, այլեւ շատ դարերուն համար կարկառուն դէմք մըն է. կարողութեամբ եւ արդեամբ մեծ, որ Սահակներու եւ Շնորհալիներու պէս հռչակ եւ պաշտամունք իսկ ունեցած կ՚ըլլար, եթէ աւելի հին դարերու մէջ ապրած ըլլար: Իր գործունէութիւնը մենք նկարագրեցինք իրողութիւնները պատմելով, եւ ոչ խորհրդածութիւններ ընելով, վասնզի գործերը ինքնին պերճախօս են ի նպաստ իրենց գործողին: Շատերուն կողմէ անոր մասին գովութիւններ գրուած են, եւ վերջերս զայն յատուկ հատորի նիւթ ըրաւ Կիւլէսէրեան Բաբգէն վարդապետ, այժմ եպիսկոպոս (ԿՈԼ. ), ուր իվեր կը հանէ Կոլոտի ձիրքերը իբր վարդապետ եւ պատրիարք, իբր շինող եւ գործիչ, իբր գրասէր եւ բեմբասաց սակայն մենք չենք կարող այդչափ մանրամասնութեանց հետեւիլ: Ինչ որ մեր նպատակին համար պէտք կը զգանք բացատրել, Կոլոտի տեսութիւններն ու գործողութիւններն են կաթոլիկ դրութեան հանդէպ, որուն ոմանք զինքն նպաստաւոր, եւ մինչեւ իսկ հետեւող կ՚ուզեն ցուցնել. եւ այդ իմաստով ալ կը գրեն, թէ մեռաւ զգաստութեամբ եւ բարի մահուամբ (ՉԱՄ. Գ. 824). մինչ անդին զայն կաթոլիկներու հալածիչ ցուցնել ուզողներ ալ պակաս չեն (ՄԽԻ. 334-335), եւ անշուշտ երկու ծայրերն ալ միանգամայն ստոյգ չեն կրնար ըլլալ: Բայց առեղծուածը շուտով կը պարզուի, եթէ մեզի իբր կանոն առնենք հայադաւան ուղղափառութեան ներողամիտ սկզբունքը, որուն ուղղամիտ գործադիրն եղաւ Կոլոտ: Հայը իր դաւանութեան ուղղութիւնը գիտնալով ու պաշտպանելով եւ ուրիշ դաւանութիւնները հերքելով հանդերձ, ընդհանուր քրիստոնէական սկզբունքը գերիվերոյ կը դասէ, եւ յաւիտենական փրկութեան պայմաններու հետ չի խառներ, եւ փրկութիւնը իրեն միայն սեփական իրաւունք չի կարծեր, երբ ուրիշներու մօտ ալ տեսնէ քրիստոնէութեան սկզբնական եւ էական ճշմարտութեանց ներկայութիւնը: Եղան ժամանակներ` յորս նախանձայուզութիւնը մենամոլութեան եւ հակառակութիւնները ընդդիմութեան առիթներ ընծայեցին, ինչպէս ամէն արարք` հակարարք կը գրգռեն. սակայն այն ոչ օրէնք էր եւ ոչ սկզբունք, եւ հանդարտ մրցում մը կրնար իրաց վիճակը ճշդել: Ահա այս դրութեան հաւատարիմ հետեւող մը եղաւ Կոլոտը, հայադաւանութեան պաշտպան, հռոմէադաւանութեան ընդդիմաբան, բայց ոչ ամէն ինչ որ հայկական է, այդ պատճառով միայն` ընդունող եւ գովող, եւ ոչ ամէն ինչ որ հռոմէական է, այդ տեսութեամբ միայն` մերժող եւ անարգող: Կոլոտ իր օրով հրատարակուած Մխիթարի եւ անոր նմաններու գիրքերը պատուով ընդունած էր, բայց ոչ ամէն պարունակութիւնը հաւասարապէս ընդգրկած: Աւելին ալ ըրած է: Խարբերդցի Ղուկաս Աբրահամեան Գասպարեանց վարդապետին լատիներէնի եւ իտալերէնի հմտութենէն օգտուելով, տասը կտոր մեծահատոր, նոյնչափ ալ մանր գիրքեր հայերէնի թարգմանել տալով, կը յաւելուր ի գանձս գիտութեան սրբոյ եկեղեցւոյ. ինչպէս Հաննա կը գրէ (ՀՆՆ. 176): Բայց ոչ թէ այդ բոլոր գիրքերուն կատարելապէս համամիտ էր, զի ինքն իսկ կը յայտարարէ, թէ անոնց պարունակութիւնը ի մէջ ծաղկանց զեղիճն ունի բուսուցեալ, եւ ի մէջ մրգաց` զոմանս նեխեալ եւ զոմանս ի մոլաթզենւոյ պտուղ բողբոջեալ (ԿՈԼ. 48), եւ թէ այդ ծաղիկներուն վրայ իջած ցօղը թիւնացեալ օձաբարոյից հանդիպելուն փոխուած է, պէտք չէ զարմանալ թէ ցօղն ի թոյն փոխեսցի (ԿՈԼ. 49): Այդ յայտարարութենէ ետքը անհնար է այլեւս կասկածով վերաբերուիլ Կոլոտի ներքին համոզումներուն վրայ, եւ պէտք չէ ալ զարմանալ, եթէ Երուսաղէմի խնդիրին սիրոյն հռոմէականներուն կը մօտենայ, եւ դեսպանին պատուով կը վերաբերուի, կամ եթէ Հայ եկեղեցիները անարգողներուն հետ խստիւ կը վարուի, պետական իշխանութեան ստիպողական պահանջումները յարգելով: Հաննա ալ, գործին իսկութեան գիտակից, նոյն այս սկզբունքով կը պաշտպանէ Կոլոտի ընթացքը, երբոր իբր առարկութիւն կը գրէ, թէ կրնան ոմանք ի մերայնոց դիտել տալ, թէ այս թարգմանուած լատինական գիրքերուն մէջ գտանին բանք ոմանք` զորս ոչ ընդունիմք մեք Հայքս: Խոստովանելէն ետքը թէ այդպիսի խօսքեր յիրաւի գտանին, անոնց թիւը մի ինչ ի հարիւրոց կը հաշուէ, եւ կը պատասխանէ թէ չորցած ճիւղի մը համար ծառը արմատախիլ չեն ըներ, եւ մարգարիտի շարքէն մէկ հատ փտած ըլլալուն համար շարանը ամբողջ աղբիւս չեն նետեր. նոյնպէս գիրքի մը մէջէն սխալ մը գտնուելուն համար բոլոր գիրքը մերժել պէտք չէ: Օրինակ կը բերէ Դաւիթ Անյաղթը, որ Արիստոտէլի պէս հեթանոսի եւ Պորփիւրի պէս ուրացեալի գիրքերն ալ թարգմանեց` հայելով մանաւանդ ի մեծամեծ օգտութիւնս նոցին, քան ի վնասս (ՀՆՆ. 177):

2000. ԿՈԼՈՏԻ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

Կոլոտ, ուսմանց եւ գիտութեանց այդչափ հետապնդող, յատուկ երկասիրութիւն մը թողած չէ: Ասիկա ոչ անկարողութեան, այլ պաշտօնական զբաղմանցը պիտի վերագրուի, զի իր կեանքին ընտրելագոյն եւ արդիւնաւոր մասը պատրիարքական պաշտօնին նուիրեց, շարունակ տագնապներէ շրջապատուած եւ կնճիռներէ նեղուած: Այդ մասին իրեն փոխանորդած պէտք է նկատենք իր ընտրելագոյն աշակերտը, Յակոբ Նալեանը, որ բազմաթիւ երկասիրութիւններ թողած է` իր վարդապետին յորդորանքով: Կոլոտի արդիւնաւոր գործունէութեան պիտի վերագրենք իր ժամանակին Կ. Պոլսոյ մէջ տպագրուած գիրքերուն շատութիւնն ալ, որ մօտ երեսուն տարիներու մէջ 90-ի կը հասնի (ՏՊԱ. 263-270), եւ անկէ ետքիններն ալ Կոլոտէ ներշնչուած եռանդին ու ջանքին պիտի վերագրուին: Կոլոտ արդիւնաւոր եղած է նաեւ յատուկ դասատուն կամ դպրատուն հաստատելով, անդստին իր վարդապետութեան սկիզբէն, թէ Գլակի եւ թէ Կ. Պոլսոյ մէջ, ինքն իսկ իբր ուսուցիչ աշխատելով աշակերտաց կրթութեան, որոնցմէ 27 եկեղեցականներու ցուցակը աւանդած է Սարգիս դպիր Սարաֆ-Յովհաննէսեան իր ձեռագիր յիշատակարաններու մէջ (ԿՈԼ. 70), բայց անոնցմէ դուրս ալ անուններու կը հանդիպինք (ԿՈԼ. 71), թող եկեղեցական աստիճանի չբարձրացող աշակերտները: Վերջապէս պէտք չէ անյիշատակ թողունք ուսմանց եւ ուսումնականաց ինպաստ Կոլոտով սկսած մատենադարանը Գումքաբուի մայր եկեղեցւոյն կից սենեակներուն մէջ, ուր սկսաւ հաւաքել իր սեփականութիւնն եղող տպագիրները, իրեն թարգմանել տուած գիրքերը, եւ ձեռք ձգել կրցած գրչագիրները: Որոշ չենք կրնար ճշդել թէ քանի հատորի կրնային հասնիլ իր ատենը, զի իր յաջորդներուն նուէրներով ու ջանքերով ալ մատենադարանը ճոխացաւ (ԿՈԼ. 103), եւ մեր ժամանակներու մէջ հաստատուած Ազգային մատենադարանին գլխաւոր եւ առաջին տարրերը կազմեցին (ԿՈԼ. 105): Կոլոտի կերպարանին վրայ գլխաւոր աւանդութիւն մը չգտանք, բայց Նշանեան Մեսրոպ վարդապետի հետազօտութեամբ Երուսաղէմի գրչագիրներէն 1717 թուականով քաղուած պատկեր մը, կը ցուցնէ զայն հասակով միջակ, դէմքով բոլորակ, մօրուքով թեթեւ ու կարճ, եւ աչքով վառվռուն, եկեղեցական զգեստով, եւ գլխաբաց նստած: Անձնահաճութիւն չկարծուի աւելցնել, թէ շատեր նմանութիւն մը տեսան իմ իսկ կերպարանին հետ, միւս կողմէն կատարեալ հարիւրամեակ մը անցած է անոր մահուան 1741 փետրուար 13 թուականէն մինչ 1841 փետրուար 11, իմ ծննդեան օրը: Այստեղ կը փակենք Կոլոտի վրայ ըսելիքնիս:

2001. ԱՆԿԻՒՐԻՈՅ ՇՓՈԹՆԵՐԸ

Յիշեցինք Անկիւրիոյ մէջ տեղի ունեցած շփոթը, եւ չորս եկեղեցիներուն հռոմէականներու ձեռք անցնիլը, եւ գործին կարգադրութեան համար Սարաֆեանին ղրկուիլը 1988): Երբոր Սարաֆեան մեղմ միջոցներով չկրցաւ գործը գլուխ հանել, պատրիարքարան պարտաւորուեցաւ կառավարական հրաման ղրկել տալ, որ չորս եկեղեցիներու բանալիները յանձնուին Սարաֆողլու Սարգիս սեւագլուխին (ԳԱԼ. 182): Այդ հրամանին տրուիլը Յակոբ Նալեանի կը վերագրուի (ԳԱԼ. 181), բայց պէտք է համեմատել Նալեանի տեղակալութեան միջոցին 1998), զի 1740-ին դեռ Կոլոտ կենդանի էր, բայց խօթագին եւ գործէ քաշուած: Պետական հրամանին զօրութեամբ կուսակալը 25 հոգի կաթոլիկներէն շղթայակապ բանտարկեց, եւ նոյնիսկ Զատկի օրը, 1740 ապրիլ 6-ին, ոստիկաններով եկեղեցիները գրաւեց եւ բանալիները յանձնեց հրովարտակին համեմատ (ՉԱՄ. Գ. 825): Սարաֆեան առաջնորդ կը գտնուէր այդ գործին վրայ, բայց նկատելով որ մէկէն պիտի բամբասուի, ուրիշէն պիտի խածատի, գործը լրանալէն ետքը կամացուկ մը Անկիւրիայէ մեկնեցաւ, եւ Կ. Պոլիս հասաւ 1741 տարւոյ սկիզբները, ուսկից ամիս մը ետքը Կոլոտ պատրիարք վախճանեցաւ (ԳԱԼ. 42): Սարաֆեանի այդ մեղմիւ ընթացքն ալ կը հաստատէ, թէ յայտնի կերպով հռոմէականութեան յարող մը չէր, այլ պարզապէս բախտին հետեւող մը, եւ իր հանգստութեան եւ օգուտին յարմար գետին մը փնտռող: Զուարճալի պարագայ մը կը պատմուի Անկիւրիոյ կաթոլիկներուն մտաւորական աստիճանը արտայայտող, որոնք սկսեր են եղոր Արեւագալի երգին, Երեք անձինք եւ մի բնութիւն խօսքերը (ԺԱՄ. 314) սրբագրելով երգել, Երեք անձինք, երկու բնութիւն (ԳԱԼ. 40): Բայց պէտք չէ շատ զարմանալ, քանի որ հռոմէականք պաշտօնապէս ալ, Բղխումն ի Հօրէ` ի դէմս Որդւոյ բացատրութիւնը, Բղխումն ի Հօրէ եւ յՈրդւոյ փոխած են (ԺՄԱ. 24): Սարգիս չուզեց Անկիւրիա դառնալ, հակառակ Նալեան պատրիարքին ստիպումներուն, եւ միայն յանձն առաւ Զմիւռնիոյ շրջանակին մէջ Երուսաղէմի նուիրակութիւն կատարել` Շղթայակիրին կոնդակով: Իբրեւ զամս երիս այդ պաշտօնը վարեց, Փոքր-Ասիոյ զանազան կողմերը շրջագայելով, եւ 1744-ին Կ. Պոլիս դառնալով արդիւնքը Նալեան պատրիարքին յանձնեց, որուն ձեռքով Շղթայակիրէն մուրհակ գայր վճարման: Բայց ամէն կողմ ձայն էր ելած, թէ փոր Սարգսի լցաւ բաշխիւք սուրբ քաղաքի, զոր Սարգիսի ներբողականը կ՚ուզէ ցրել Շղթայակիրէ ստացած վճարման մուրհակին փաստով (ԳԱԼ. 45): Սակայն այդ մուրհակը ստացուած գումարը կը ցուցնէր, մինչ ժողովրդական ձայնը հաւաքուած գումարին մասին ելած պիտի ըլլայ: Գաղղատիոյ գործերուն դառնալով, Սարգիսի հրաժարելէն ետքը, առաջնորդ կը ղրկուի Թովմաս վարդապետ Թամզարալեանը, եւ անկէ ետքը, երբեմն իբր տեղակալ պաշտօնավարող Պետրոս վարդապետ Պահատուրեանը 1788), պայմանով որ հաւատարիմ կերպով հետեւի Հայ ուղղափառ եկեղեցւոյ կանոններուն, առանց օտարամուտ ձեւեր խառնելու (ԳԱԼ. 171): Նոյն միջոցին անդ կը գտնուին Սիմոն եպիսկոպոս Տամատեան եւ Սուքիաս քահանայ մը լատին եպիսկոպոսի գործակատար, որոնք մասնաւոր պաշտպանութիւններ կը ճարեն պետական շրջանակներու մէջ, եւ արտաքին պաշտպանութեամբ պատրիարքարանի կը դիմադրեն մինչեւ 1744 (ԳԱԼ. 191): Ըսող մըն ալ կայ թէ հռոմէականք յաջողած ըլլան չորս եկեղեցիները նորէն գրաւել, Պահատուրեանի տկարութեամբ կամ կամակցութեամբ (ՉԱՄ. Գ. 825), սակայն այդ բանին ուրիշ կողմէն հաստատութիւն չենք գտներ:

2002. ԿԱԹՈԼԻԿ ՋԱՆՔԵՐ

Նալեանի պատրիարքութեան սկիզբը, Կ. Պոլսոյ մէջ ալ նորէն սկսան կաթոլիկական շարժումներ եւ եկեղեցիներ գրաւելու գրգռութիւններ: Կաթոլիկներէն ոմանց պետական շրջանակներու մէջ ստացած դիրքէն եւ ճարած բարեկամութիւններէն օգտուելով, ձայներ հանեցին թէ կառավարութիւնը երկու եկեղեցիներ պիտի շնորհէ իրենց, Սամաթիոյ Ս. Գէորգը եւ Ղալաթիոյ Ս. Լուսաւորիչը, եւ այդ պատրուակով ձեռնարկեցին հաւաքել բազում դրամս ի ժողովրդենէ: Գործին գլուխ կանգնողները` հռոմէական պատմագիրէն ալ անզգոյշ եւ ընչաքաղց անձեր վկայուելէ ետքը (ՉԱՄ. Գ. 825), մեզի աւելորդ կը դառնայ այդ ձգտումներուն ներքին շարժառիթը բացատրել: Կաթոլիկներ մինչեւ իսկ յիշեալ եկեղեցիներուն համար իրենց կողմէն մեծաւորներ կ՚որոշեն, եւ 1742 յուլիս 25-ին, Վարդավառի տօնին կը սպասեն մտանել եւ ժառանգել զեկեղեցիսն: Անշուշտ Հայոց պատրիարքարանը հաճութեամբ պիտի չլսէր այդ զրոյցները, եւ ոչ ալ անոնց իրականանալը պիտի թոյլատրէր: Դիտողութեան արժանի է, որ նոյն այն ընչաքաղց կոչուած դրամ հաւաքողներ, եւ ի դրունս մեծամեծաց ծախեցաք ըսելով դրամները իւրացնողներ, կը յանդգնին լուր տալ Նալեանի, թէ ահա կաթոլիկներ պատրաստուած են առնուլ զեկեղեցիս ձեր: Պատրիարք եւ մեծամեծներ գործին էութիւնը կը հետազօտեն ու պետական շրջանակներէ ստուգել կ՚աշխատին, եւ այս կերպով խնդիրը մէջտեղ կ՚ելնէ: Կառավարութիւնը կը զայրանայ, զրոյց հանողները եւ կառավարութեան կողմէն սուտ լուր տարածողները փնտռել կու տայ. շատեր կը ձերբակալուին, կը տուգանուին, կը պատժուին: Միւս կողմէն փոխադարձ թշնամութիւններ ալ ասպարէզ կը գտնեն, եւ մատնութիւնք, նեղութիւնք եւ տառապանք ազգին մէջ կը յաճախեն: Այս ալ անշուշտ իբր իրենց դէմ հալածանք ցուցնել կ՚ուզեն հռոմէականներ, սակայն շարժառիթը մէջտեղ ըլլալուն, անաչառ դատողութիւնը կը յայտնէ գործին իսկութիւնը, թէ Հայոց կողմէն կարգադրուած դաւանական հալածանք մը չէ: Հռոմէական պատմագիրն ալ կը վկայէ, թէ յերկուց կողմանց էին մատնութիւն ընողներն ու տառապանք պատճառողները (ՉԱՄ. Գ. 825): Եթէ յարակից պարագաներն ալ քննենք եւ եղելութեանց առիթները ճշդենք, պէտք է նկատել որ արդէն 1741 տարիէն Վիլնէօվ մարքիզը, որ Վիլլանավօ ալ կոչուած է իտալական հնչմամբ (ԱՍՏ. Բ. 69), դեսպանութենէ ելած էր, եւ իրեն յաջորդած էր Միքայէլ-Անգեղոս Քասթէլլան կոմսը (Michel-Ange comte de Castellane), որ կ՚երեւի թէ նոր ըլլալով չէր կրցած տարապարտ ձգտումներուն առջեւն առնել:

2003. ԿԱԹՈԼԻԿ ԾԷՍԵՐ

Պահ մը նորէն ձայները կտրուեցան, եւ կարծես թէ խաղաղութիւնը տիրած էր, եւ ահա նորէն կաթոլիկներու կողմէ պահանջ կը յարուցուի, իրենց յատուկ եկեղեցիներ ուզելու, այս անգամ ուղղակի Նալեան պատրիարքին դիմելով: Կ՚երեւի թէ պետական պաշտպանութենէն յոյսերնին կտրած էին: Շատ դիւրաւ հասկնալի էր որ պատրիարք պիտի չկարենար իրենց պահանջին գոհացում տալ, ուստի կը սպառնան որ Լատին եկեղեցիներու մէջ պիտի կատարեն հայկական ծէսերը: Անշուշտ այդ խորհուրդը ծագում առած էր Լատիններուն գրգռութենէն, որոնք տեսնալով թէ իրենց Հայ հետեւորդները փափաք կը յայտնեն հայածէս արարողութիւններ ունենալ, եւ լատինածէս պաշտամունքներով չեն յագենար, անձերնին առած են իրենց եկեղեցիներուն մէջ հայածէս հանդէսներ կատարել տալ ամենայն զարդիւք, երգովք եւ սպասուք, քշոցօք եւ ծնծղայիւք, մինչեւ յառաջագոյն լատին զգեստով պարզ կամ թիւ պատարագներ միայն կը կատարէին: Այդ Լատին զգեստին կիրառութենէն ծագում առած է` պոչը կտրած յորջորջումը, իբր զի լատին պատարագիչներուն շուրջառը կարճ է, եւ հազիւ մինչեւ ծունկերը կը հասնի: Ուրիշ լատին սովորութիւն մըն ալ է, առտնին մատուռներ բանալ ընտանեկան բնակութեանց մէջ, եւ նոյնիսկ հասարակ սենեակներու մէջ ու որեւէ սեղանի վրայ պզտիկ օծեալ վէմ մը դնելով, եւ երկու մոմեղէն վառելով, վայրկենական եւ պատահական մատուռներ կազմել: Լատիններ այդ միջոցները ձեռք առած են իրենց օգտին համար, եւ Հայ կաթոլիկներ միամտութեամբ հետեւած են անոնց առաջարկներուն, եւ այս կերպով ոչ միայն Ղալաթիոյ Ս. Գէորգ եւ Ս. Պետրոս եւ Բերայի Ս. Անտոն լատին եկեղեցիներուն մէջ, այլ եւ նշանաւոր անձնանց տուներուն, եւ Անկիւրացւոց կեդրոն եղող Սօվճու խան շուկային մէջ եկեղեցական հանդիսաւոր պաշտամունք սկսած են կատարուիլ հայածէս պայմաններով: Լատիններուն մտածած երկու կերպերն ալ պետական օրէնքներուն կ՚ընդհարէին, զի հաւասարապէս արգելեալ էր օտարազգիներու հովանաւորութեան ներքեւ մտնել, եւ անհրաման հոգեւորական պաշտամանց տեղեր բանալ: Հազիւ թէ եղելութիւններ լսուեցան, թագաւորական եւ եպարքոսական հրամաններ արձակուեցան օրինազանցութիւնները արգիլելու եւ օրինազանցները պատժելու, եւ ահա նորէն առիթ տրուեցաւ ձերբակալութեանց եւ բանտարկութեանց, տուգանաց եւ աքսորանաց, որոնք ուրիշ պատճառ չունէին, բայց եթէ Հայ կաթոլիկներուն ըմբոստութիւնը` Լատիններէ հրապուրուելով, որոնք իրենց օտարահպատակութեան արտօնութիւնէն օգտուելով անփորձ եւ անպատիժ կը մնային, եւ չէին խղճեր իրենց հետեւողները պետական օրէնքներու ցասումին մատնել: Եւ որովհետեւ գործը պարզապէս օրինական էր, Նալեան պատրիարք անձամբ Քասթէլլան դեսպանին դիմեց, եւ գործը հասկցուց, եւ դեսպանը համոզեց ձեռք քաշել ի ձեռնտու լինելոյ նոցա: Ասոր վրայ Լատին եկեղեցականներ լուր հանեցին, թէ դեսպանը պատրիարքէն կաշառուած է, բայց Գաղղիոյ դեսպան մը կաշառելու պէտք եղած միջոցները` Հայոց պատրիարքին ձեռնհասութենէ վեր էին, եւ օրէնքին հասկացողութիւնն էր որ ազդեց դեսպանին միտքին վրայ:

2004. ԱՆԿԻՒՐԻՈՅ ԴԷՊՔԵՐԸ

Անկիւրիոյ մէջ ալ նմանօրինակ ձեռնարկներ սկսած էին ուստի պէտք եղաւ այնտեղ ալ կարեւոր հրամանները հասցնել, եւ զօրաւոր ու վստահելի առաջնորդ մըն ալ ղրկել. ուստի Նալեան պատրիարք Նիկոմիդիայէ Անկիւրիա փոխադրեց Աթանաս Կոստանդնուպոլսեցի եպիսկոպոսը, որ իր աշակերտներէն էր: Չամչեան, որ Անկիւրիոյ չորս եկեղեցիները նորէն գրաւուած կ՚ենթադրէ հռոմէականներէն, Աթանասի ձեռքով նորէն ետ առնուած կ՚ըսէ (ՉԱՄ. Գ. 826): Բայց ուրիշներ այդ պարագան կ՚անգիտանան (ԳԱԼ. 191), եւ միայն Պահատուրեանի եւ Տամատեանի ձեռօք եղած օրինազանց գործողութիւնները կը յիշեն: Աթանաս տեսնելով որ զինք մտիկ չեն ըներ, պարտաւորուեցաւ խստութեան դիմել, եւ հրովարտակին զօրութեամբ Անկիւրիայէ հեռացնել եւ Սամսոն աքսորել տուաւ Ումուտեան Սիմոն եպիսկոպոսը, Պահատուրեան Պետրոս եւ Մէհտէրեան Գէորգ վարդապետները, եւ Մուրատ Մելքոնեան, Խուպիար Մելքոնեան, Արթին Իփրիմեան, Սահակ Վարդերեսեան, Սահակ Թասվիրճեան, ու Հաճի Ֆէրաշաթ գլխաւորները (ԳԱԼ. 191): Ասոնք երեք ամիս Սամսոն մնալէ ետքը Կոստանդնուպոլսոյ թիարանը փոխադրուեցան, եւ երեք ամիսէ ալ անկէ ազատեցան կաշառքով ու տուգանքով: Սիմոն եպիսկոպոսը փութաց Հռոմ ապաւինիլ, Պահատուրեան եւ Մէհտէրեան վարդապետներ քիչ ետքը Կ. Պոլսոյ մէջ մեռան, իսկ աշխարհականներ իրենց քաղաքը դարձան (ՉԱՄ. Գ. 326): Չատըրճեան Կարապետ վարդապետն ալ, թէպէտ ձերբակալուեցաւ, բայց խոյս տալով Վենետիկ ապաւինեցաւ (ԳԱԼ. 192): Ինչպէս ամէն շարժումէ ետքը, այս անգամ ալ միջոց մը խեղդուեցան կաթոլիկական վէճերը, մինչեւ անոնց արծարծուիլը:

2005. ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԳՈՐԾԵՐ

Երուսաղէմի մէջ Շղթայակիրին համար սոսկալի հարուած մը եղաւ Կոլոտի մահուան գոյժը: Վաստակաբեկ ծերունին անոր խօսքովը եւ անոր վստահանալով յանձն առած էր դժուարին պատրիարքութիւնը, եւ մինչեւ այն օրն ալ անկէ ստացած էր պէտք եղած օգնութիւնները, եւ իր ծանրացեալ եւ ծերացեալ տարիքին մէջ այդ նեցուկէ զրկուիլը` իրեն համար անփոխարինելի կորուստ մըն էր: Եթէ պարագայ մը կրցաւ զինքն սփոփել, Կոլոտի մահուան գոյժին հետ Նալեանի պատրիարքութեան աւետիսին միասին հասնիլն էր: Նալեան կատարելապէս Կոլոտի հոգւոյն ժառանգն էր, եւ կարողութեամբը յայտնուած ու հռչակուած էր, Երուսաղէմ եղած եւ Երուսաղէմի գործերով զբաղած ըլլալով` կացութեան մօտէն տեղեակ էր, եւ պէտք եղածը հաղորդելու եւ իմացնելու համար Շղթայակիր յոգնելու պէտք չունէր: Շնորհաւորեց Նալեանի պաշտօնը, խնդրեց որ Երուսաղէմ ղրկէ Կ. Պոլիս մնացած հրովարտակներուն բնագիրները, եւ Նալեանի շնորհեց Կոլոտէ Երուսաղէմի կտակուած հարուստ զգեստներն ու սպասները: Սակայն Նալեան չ՚ընդունեցաւ, եւ անմիջապէս Երուսաղէմ ղրկեց Սեղբոս ամիրային հետ, որ կրկին անգամ ուխտի կ՚երթար որդւովք եւ ընտանեօք, եւ աւանդները տարաւ Շղթայակիրին յանձնեց 1741 յուլիս 18-ին (ԱՍՏ. Բ. 66): Նոյն միջոցին Ս. Փրկչի վանքը յարձակում կրեց Արաբացի յելուզակներէ, որոնք պատերն ալ քանդած էին, սակայն ամենայն ինչ վերաշինուեցաւ դատաւորական քննութեամբ եւ վճիռով, որոնք կատարուեցան աթոռակալ Գաբրիէլ եւ թարգման Պօղոս վարդապետներու ջանքով: Բայց աւելի մեծ խնդիրը յուզուեցաւ Լատիններուն կողմէն, որոնք Պատանատեղւոյն շուրջը աւլող Աբրահամ Ապտուլլահեան վարդապետին վրայ յարձակած եւ գլուխը ճեղքած էին: Գործը դատաւորական ատեանը ելաւ, երկար դատավարութիւն եղաւ, եւ Լատիններ պարտաւորուեցան, եւ Հայոց իրաւունքը գիրի առնուեցաւ: Շղթայակիր պատրիարք Լատիններու հետ Կոլոտի եւ Վիլնէօվի օրով եղած յարաբերութիւնները յիշելով, եւ հին համերաշխութիւնը պնդել ուզելով` յատուկ գիրեր գրեց Գաղղիոյ թագաւորին եւ վարչապետին, որ էր տակաւին նոյն Ֆլէօրի կարդինալը 1996), Հռոմի կարդինալաց ժողովին, եւ Կ. Պոլսոյ Գաղղիական դեսպանին, որոնցմէ այս վերջինին միայն պատճէնը կը գտնուի 1742 հոկտեմբեր 26 թուականով (ԱՍՏ. Բ. 69-72): Կ՚երեւի թէ օգտակար եղան այդ գիրերը, վասնզի չնորոգուեցան Լատիններու ոտնձգութիւնները, եւ Շղթայակիրը իր վերջին տարիները օգտակար ըրաւ` Ս. Յակոբեանց մայրավանքին եւ տաճարին շինութիւնները ընդարձակելով եւ բարեզարդելով եւ երեք ազգերու համաձայն գործակցութեամբ զսպելով Բեթղեհէմի շուրջը եղող Արաբացիներու վայրագ եւ հարստահարիչ բռնութիւնները (ԱՍՏ. Բ. 76): Զանց կ՚ընենք այդ գործերուն մանրամասնութիւնները, որ Երուսաղէմի յատուկ պատմութեան կը պատկանին: Շղթայակիրը, որ իր երկու Ամրտոլցի աշակերտակիցներէն երիցագոյն եղած կ՚երեւի, աւելի երկարակեացն եղաւ, զի Աբրահամ Խոշաբեցի կաթողիկոսը եւ Յովհաննէս Բաղիշեցի պատրիարքը իրմէ շատ յառաջ կնքեցին իրենց կեանքը: Թէպէտեւ խոր ծերութեան հասած, բայց գործունէութենէն դադարած չէր Շղթայակիրը, ինչչափ ալ զօրաւոր օգնականներ էին Թէոդորոս փոխանորդ, Գաբրիէլ աթոռակալ, Պօղոս թարգման եւ Յովհաննէս գործակատար վարդապետներ, որոնք արժանապէս փոխանակած էին Հաննայի կորուստը:

2006. ԱՋԱՊԱՀԵԱՆ ՏՈՒՆ

Կիլիկիոյ աթոռին վրայ թողուցինք Յովհաննէս Հաճընցին, Տէր-Ադամ կամ Տէր-Ադամեան (ԴԻՒ. Դ. 720) մականուանեալը, որ 1727-ին աթոռ բարձրացած էր Գրիգոր Կեսարացի, Ուղուրլու մականուանեալին յաջորդ 1960): Յովհաննէս մինչեւ 1734 ապրած կը գրուի (ԴԻՒ. Դ. 721), սակայն 1731-էն իբր կաթողիկոս կը յիշատակուի Ղուկաս Աջապահեան (09. ՕՐԱ. 284), որ Աջապահեան եւ Աջպանեան ալ կը գրուի (ՍԻՍ. 219), ոչ իբրեւ հակաթոռ մը, այլ իբրեւ օրինաւոր կաթողիկոս Սսոյ մէջ, երբ Յովհաննէս կամովին քաշուած ու առանձնացած էր իր հայրենիքը, Հաճընի Ս. Յակոբ վանքը: Այդ կէտը շուտով կրնանք մեկնել աթոռակցութեան ձեւով, որ նորութիւն չէր մեր կաթողիկոսական աթոռներուն համար, եւ որեւէ պատահական պատճառով մը կրնար գործադրուիլ: Չենք կրնար ստուգել թէ իflնչ մտածմունքով կամ թէ իflնչ ստիպումով Յովհաննէս իրեն աթոռակից մը օծեց: Բայց յիշատակարան մը կը պատմէ, թէ Կիլիկիոյ վերջին կաթողիկոսներ երերեալ տատանեալ շրջէին տեղեաց ի տեղ, եւ ոչ կարէին երկար մնալ աթոռին մէջ ի սակս տառապանացն զոր կրէին յապստամբ բռնակալացն, որով պահպանութիւն գոյից աթոռոյն ի ձեռս ամուսնաւոր քահանայից կը մնար (ԴԻՒ. Դ. 720), եւ աւելի հաւանաբար քահանայական սերունդի մը (ՍԻՍ. 219), որոնց վերջինն էր Յուսիկ քահանայ Սսեցի, որ կոչեցաւ Աջապահ տէր Յուսիկ, եւ վախճանեցաւ 1748 յունուարին (ԴԻՒ. Դ. 720): Այս տէր Յուսիկի որդին էր Ղուկաս, եւ Յովհաննէս անկէ յորդորուելով եւ ծերացած ալ ըլլալով, դիւրաւ համոզուած է Ղուկասը առջեւ քաշել, ինքը հանգիստ վայելել, եւ հոգերը ուրիշի յանձնել: Այս բանը ըրած է մանաւանդ` երբ կացութիւնը դժուարին էր, եւ գործերը խառնակ: Ղուկասի անձն ալ հետաքրքրական դարձած է իր ազգատոհմին պատճառով, զի Աջապահեանց տուն մը իրականութիւն է Սսոյ մէջ, եւ հռչակաւոր եղած է Սսոյ աթոռը դար մը եւ աւելի իր սերունդին մէջ պահած ըլլալուն համար, այլ ծագումը առեղծուածական եղած է: Եփրեմ կաթողիկոս Աջապահեանց տոհմէն` կ՚ուզէր իբր նախահայր ցուցնել Հեթում Բ. եղբայր եւ Լեւոն Բ. ի որդի Յովհաննէս եպիսկոպոս մը (ԱՋԱ. 54), եւ անկէ սկսելով կը կազմէ Աջապահեան սերունդ մը, տէր Եղիազար, Յովհաննէս եպիսկոպոս, տէր Եղիազար, մահտեսի Մինաս, տէր Սահակ, տէր Եղիազար, տէր Յուսիկ, տէր Մարկոս, եւ վերջապէս տասներորդ Աջապահ, ինքն Եփրեմ կաթողիկոս (ԱՋԱ. 64-77): Բայց արքայազարմ Յովհաննէս եպիսկոպոս մը, միայն Հեթում Ա. եղբայրը կայ, նա ալ կուսակրօն մնացած է (ՍԻՍ. 219), որով հիմէն կը խախտուի Աջապահեան Եփրեմի կարծիքը, եւ չի կրնար ալ ընդունուիլ ենթադրեալ Յովհաննէսին թոռան թոռը կոչուած Մինասին գոյութիւնը (ՍԻՍ. 211): Ուրիշ գրութեամբ Աջապահեաններու սկզբնաւորութիւնը կը հասնի Մուսաբէգեանցի ժամանակին, երբ Լուսաւորչի աջին անյայտանալէն ետքը, առձեռն մնացած երեք աջերը, զՍեղբեստրոսին, զՆիկողոսին եւ զՊարսամայն, եւ Վահկայ Ս. Նշանը, կաթողիկոսին ձեռքէն կ՚առնեն (ՍԻՍ. 539), եւ կը յանձնեն Հեթում Խազենց անձի մը պահպանութեան, մականուանեալ Սպիտակ, որ յետոյ քահանայացած, եւ Սպիտակ Երէց անունով ճանչցուած է (ՍԻՍ. 540): Նոյնին կը յանձնուի Կարապետ Եւդոկիացիին մէջտեղ հանած Լուսաւորչի աջն ալ 1478): Շահսուարի արշաւանքին առթիւ Աջապահը այդ աջերը Կոպիտառ կը փախցնէ 1468-ին, եւ միւս տարին Սիս կը դարձնէ (ՍԻՍ. 540), բայց տարիէ մը կը վախճանի 1470-ի ժանտամահէն 1489): Դար մը եւ աւելի ետքը 1598-ին Սատուրճիի արշաւանքին առթիւ (ՍԻՍ. 228), կը յիշուին Ղազար քահանայ լուսարար սուրբ Աջերոյն եւ բարեպաշտ Մինաս մը, որ աջերը Ատանա կը փախցնեն, ուսկից ետ կը բերուին 1601-ին Յովհաննէս Այնթապցի կաթողիկոսին ձեռքով (ՍԻՍ. 540): Շատ հաւանական կ՚երեւի որ այս վերջիններ վերոյիշեալ Սպիտակ Երէցին սերունդէն ըլլան, եւ Աջապահեան տոհմին շարունակութիւնը նկատուին, որուն յաջորդութիւնը գծուած չէ: Միայն թէ Ղուկաս կաթողիկոս, որուն վրայ կը խօսինք, որդի է Յուսիկ քահանայի (ՍԻՍ. 216), զոր յիշեցինք արդէն, եւ կը կարծուի թոռն Եղիազարի, որ թոռան թոռ կը սեպուի դարձեալ Եղիազար քահանայի մը, ուսկից վեցերորդ ծնունդ կ՚ըլլայ Ղուկաս (ՍԻՍ. 219), որ է շուրջ 120-130 տարւոյ միջոց մը, այնպէս որ անհիմն չէր ըլլար Աջապահեանց ծանօթ նախահայր` Եղիազար քահանան նոյնացնել վերը յիշուած Աջերոյն լուսարար Ղազար քահանային հետ, եւ այսպէս Աջապահեանց տոհմին նախահայր ճանչնալ Սպիտակ Երէց կոչուած Խազենց Հեթումը: Եփրեմի ազգաբանութեան մէջ ալ կը յիշուին Եղիազար եւ Յուսիկ քահանաներ, որով այդ անուններուն շուրջը աւանդական յիշատակ մը եղած ըլլալը կը հետեւի, միայն խնդիրը անորոշ կը մնայ Աջապահեան տան նախահօր ինքնութեան վրայ: Այսչափ ինչ միջանկեալ կերպով Աջապահեանց ծագումին վրայ:

2007. ՂՈՒԿԱՍ ԱՋԱՊԱՀԵԱՆ

Ազգատոհմին հնութիւնը, անոր պաշտօնին նուիրականութիւնը, եւ մէջէն քահանաներ եւ եպիսկոպոսներ եղած ըլլալը, զօրաւոր ազդեցութիւն կու տային Աջապահեաններուն, այնպէս որ զարմանալի պէտք է երեւի, որ 1441-էն 1731, երեք դար ժամանակի մէջ, որոշ դեր մը խաղացած ըլլալնին պատմուած չէ, երբ Կիլիկիոյ աթոռն ալ շարունակ շփոթութեանց եւ անկարգութեանց մատնուած էր: Բայց վերջապէս առիթը կը ներկայանայ, թէպէտ չենք գիտեր թէ ինչ եւ ինչպէս, եւ Յուսիկ Աջապահեանի որդին Ղուկաս եպիսկոպոս` Յովհաննէս կաթողիկոսէ յառաջ կը կոչուի, կամ թէ Ղուկաս ինքն կաթողիկոսը կը պարտաւորեցնէ, եւ աթոռակից կաթողիկոս կ՚օծուի: Կաթողիկոսը կը պարտաւորեցնէ ըսինք, զի Յուսիկի ութը զաւակներէն երեքը եկեղեցականութեան մէջ յառաջացած էին, եւ միւսներն ալ դիրքի տէր էին, եւ ազգատոհմը քաղաքին եւ վիճակին մէջ` թիւով եւ գործով ազդեցութիւն կը վայելէր: Ղուկաս 1731-է 1734 իբր աթոռակից կը նկատուէր, թէպէտ Յովհաննէս Տէր-Ադամի գործէ քաշուած ըլլալովը, իբր բուն աթոռակալ կը գործէր, եւ անոր համար անխտիր թէ 1731 (09. ՕՐԱ. 274), եւ թէ 1734 տարին (ՍԻՍ. 219), իբրեւ Ղուկասի գահակալութեան թուական կը նշանակուին: Իր գործունէութենէն պատմելիք չունինք, տեղեկութեանց պակասութեան պատճառով: Աջապահեանք անգամ մը որ կաթողիկոսութիւնը ձեռք անցուցին, զայն այլեւս իրենց տոհմէն դուրս չհանելու համար մտածեցին կանուխէն յաջորդնին օծել: Այսպէս Ղուկաս իր եղբայր Միքայէլը աթոռակից օծեց իր կենդանութեան, որուն թուականը որոշ յիշուած չէ, այլ 1737-ին սկիզբները կամ քիչ առաջ կը կարծուի, զի նոյն տարին հոկտեմբեր 18-ին Միքայէլ իբր կաթողիկոս Կ. Պոլիս հասած կը գտնենք, եւ Իւսկիւտարի Երուսաղեմատան մէջ իջեւանած Շղթայակիրի մօտ (ԱՍՏ. Բ. 53): Մեր տեսութեամբ պարզապէս Կիլիկիոյ աթոռին գործերուն համար եկած կ՚ըլլայ Միքայէլ, զի չենք կարծեր թէ Էջմիածնական վիճակներէ մաս մը իւրացնելու միտքեր ունեցած ըլլան Սսեցիները, քանի որ ասիկա իրենց հնար պիտի չ՚ըլլար Կոլոտի պատրիարքութեան օրով: Ղուկասի մահը հանդիպած է միեւնոյն 1737 տարին, այլ տապանագիրին պատճէնին մէջ ամսոյն անունը անընթեռնելի մնացած է, միայն օր շաբաթու երեքն (ՍԻՍ. 216) կրնայ մեզ մեկնութեան մը առաջնորդել: Հարկաւ մահը տարւոյն առաջին ամիսները չէր, թէ ոչ Միքայէլ չէր կրնար մեկնիլ, իսկ վերջին ամիսներուն մէջ ամսոյն երեքն, շաբաթ կը հանդիպի սեպտեմբերին եւ դեկտեմբերին, եւ սեպտեմբերն ալ դուրս կը թողունք, խորհելով որ հոկտեմբեր 18-ին Կ. Պոլսոյ մէջ լսուած պէտք էր ըլլար, եւ ամենայն հաւանականութեամբ 1737 դեկտեմբեր 3-ին շաբաթ օր կը դնենք Ղուկասի մահը, երբ եղբայրն ու կաթողիկոսակից յաջորդը Կ. Պոլիս կը գտնուէր: Անշուշտ Միքայէլ փութացած է մեկնիլ եւ 1738-ին սկիզբները իր աթոռը դառնալ, կաթողիկոսութեան տէր կանգնելու համար:

2008. ԱՆՏՈՆԵԱՆՔ ԵՒ ԲԵՐԻԱ

Պատմութեանս կարգին յիշեցինք, թէ ինչպէս Երուսաղէմի խնդիրին առթիւ` Հայոց պատրիարքարանին եւ Գաղղիոյ դեսպանատան մէջ ստեղծուած մօտաւորութիւնը, երկկողմանի զիջողութեամբ մեղմացուցած էր կաթոլիկական վէճերը, որով եթէ մէկ կողմէն մեծ խնդիրը յաջողապէս վերջացաւ 1996), միւս կողմէն ալ կաթոլիկներու դէմ հրամաններ եւ խստութիւններ չկրկնուեցան, եւ կուսակալներ ալ ազատութիւն ունեցան հաշտարար եւ խաղաղարար ձեւերու հետեւիլ: Ճիշդ այդ պարագաներէն օգտուելով Բերիոյ մէջ կաթոլիկներ կուսակալի հրամանով եկեղեցի մը ձեռք ձգեցին (ԴՒԹ. 83) 1738 դեկտեմբեր 30-ին (ՄԽԻ. 463), եւ ազատարար պաշտօն վարելու արտօնուեցան, եւ մինչեւ իսկ Աբրահամ Արծիւեան եպիսկոպոսը, որ մինչեւ այն ատեն Անտոնեանց մօտ Քրէյմի Ս. Փրկիչ վանքը կ՚ապրէր, Բերիա հրաւիրելու համարձակեցան: Այդ շարժումներուն ատեն Բերիոյ կաթոլիկներուն գլուխը կը գտնուէր հայր Յակոբ Յովսէփեան, Մուրատեան եղբայրներէն մին, որ Անկիւրիայէ դառնալէն ետքը 1988) Բերիա եկած էր իր անբաժան ընկերին հայր Իսահակ Բարսեղեանի հետ: Անդին Լիբանանի վանքին մէջ` հիմնադիր եւ աբբահայր Աբրահամ Մուրատեան, իր վաստակաբեկ կեանքը կը կնքէր 1738 յուլիս 15-ին 75 տարեկան (ԱՆՏ. ): Թէպէտ յաջորդութիւնը ամենայն պատշաճողութեամբ իր եղբօր` հայր Յակոբի կ՚իյնար, սակայն նա շատոնց վանական կեանքէ հեռու մնացած, ժողովուրդին մէջ կը դեգերէր, եւ յարմար չսեպեցին զայն վանք դարձնելով կաթոլիկական գործունէութիւնը տկարացնել: Վանքին մէջ յառաջադէմ դիրք ստացած էին Արծիւեանի երկու քեռորդիներ` հայր Պետրոս եւ հայր Գրիգոր Ներսէսեաններ, որոնք Նիփօթ ալ կոչուած են, իբրեւ Արծիւեանի քեռորդիներ: Ասոնց երիցագոյնը հայր Պետրոս` միաբանական ընտրութեամբ աբբահայր Աբրահամի յաջորդ նշանակուեցաւ, անոր մահուանէ տարի մը ետքը, եւ Արծիւեան իբր թեմակալ առաջնորդ ընտրութիւնը հաստատեց 1739 նոյեմբեր 1 պաշտօնագրով (ԴՒԹ. 85): Անցողակի յիշենք, թէ այդ միջոցին Անտոնեանք որոշեցին ժամանակաւոր աբբահայրներ ունենալ, իրենց որդեգրած Մարոնի Անտոնեաններու կանոնին համաձայն: Աբրահամ հիմնադիրին յաջորդը Պետրոս` եռամեայ պայմանաժամով ընտրուեցաւ: Արծիւեանի դառնալով, նա խնդութեամբ ստացաւ Բերիացւոց հրաւէրը եւ ցուցուած վստահութիւնը, եւ փութաց Բերիա հասնիլ 1739 դեկտեմբեր 4-ին (ԴՒԹ. 85), բայց միշտ գաղտնի` եւ երեք ամիս թաքչած ապրելով, մինչեւ որ ամէն կողմէն ապահով ըլլար նորէն արկածի մը չհանդիպելու համար (ԴՒԹ. 86):

2009. ԱՐԾԻՒԵԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Արծիւեանի պաշտօնապէս կաթոլիկութեան յարիլը մինչեւ 1720 թուական կրնանք բարձրացնել, համաձայն նախատական երգի մը թուականին, որ գրուած է Սիմէոն վարդապետէ մը` հրամանաւ եւ հաւանութեամբ Հաճընցի Յովհաննէս կաթողիկոսին, ինչ որ կը ցուցնէ, թէ անհիմն են Հաճընցին կաթոլիկ կարծեցնելու համար հռոմէականաց ջանքերը (ԴՒԹ. 33): Աբրահամ կանուխէն սկսած էր գործնական գաղափարներ մշակել, Հայ կաթոլիկութեան ինքնուրոյն դիրք մը ստեղծելու, եւ սեփական կացութիւն հաստատելու համար: Այդ մասին նախնական ներշնչումները ստացած էր իր իսկ վարդապետէն, Թասպասեան Մելքոն եպիսկոպոսէն, որ առաջին անգամ այդ միտքը յղացած էր, զի ինքն լիցի առաջնորդ եւ պատրիարք ի վերայ իւրոց առանձինն (ՉԱՄ. Գ. 758): Հետեւաբար թէպէտ այդ միտքին համար իրական ձեռնարկը Բերիա գալէն քիչ ետքը փորձեց, սակայն միտքը պէտք է կանուխէն պատրաստուած ըսել: Կ. Պոլիս անցնիլ, եւ այնտեղ պատրիարքութիւն մը կազմել հնար չէր, մանաւանդ Կոլոտի մը պատրիարքութեան եւ Նալեանի մը փոխանորդութեան օրով: Ինքն Կիլիկիոյ կաթողիկոսական սահմանին մէջ կ՚ապրէր, եւ մտածեց Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն մը կազմակերպել իր կամքով: Բերիացիք արդէն վարժ էին հակաթոռներ տեսնել իրենց մէջ: Դաւիթի եւ Ազարիայի ձեռնարկը նորոգած էր Պետրոս, եւ անոր հեռանալէ կամ մեռնելէ ետքը Բերիական հակաթոռութիւնը ընդհատուած էր, եւ Աբրահամ մտածեց այդ պարագայէն օգուտ քաղել, պատմական եղելութեանց մասին այլայլութիւններ խառնելով եւ կանոններու հակառակ կերպեր ալ գործածելով: Առաջին յարմարցուցածը Կիլիկիոյ աթոռին ենթադրեալ պարապութիւնն է, իբր թէ Ղուկաս Աջապահեան 1740 նոյեմբեր 26-էն հինգ ամսօք յառաջ վախճանեալ, եւ աթոռն թափուր մնացեալ ըլլար վասն չմիաբանութեան առաջնորդաց (ԱՂՔ. Ա. 15), ինչ որ իր ձեռնարկին ձեւ մը տալու պիտի ծառայէր (ԴՒԹ. 102): Մենք արդէն տապանագիրերէ քաղելով ցուցուցինք Ղուկասի մահը 1737 դեկտեմբեր 3-ին, եւ անկէ առաջ իր յաջորդին Միքայէլի օծումը, եւ ասոր ալ 1740 նոյեմբերէ շատ կանուխ Կ. Պոլիսէ իր աթոռը եկած ըլլալը 2008): Եթէ վասն չմիաբանութեան առաջնորդաց աթոռը թափուր մնացած էր, Աբրահամի հնար պիտի չ՚ըլլար իրեն կաթողիկոսութիւնը պատրաստել, քանի որ իրեն կամակից եւ գործակից ոչ մի առաջնորդ եւ ոչ մի եպիսկոպոս չունէր եւ չունեցաւ, ոչ Բերիոյ թեմերէն եւ ոչ Կիլիկիոյ վիճակներէն: Ինքն միայն էր Հայ կաթողիկոսէ ձեռնադրուած եպիսկոպոս մը, այն ալ հակաթոռ կաթողիկոսէ մը: Անօրինակ յանդգնութեամբ եւ Հայ եկեղեցւոյ մէջ չլսուած ժպրհութեամբ, առանց ժողովի եւ առանց օրինական ընտրութեան, եւ լոկ քանի մը աբեղաներու եւ քահանաներու համաձայնութեամբ կաթողիկոսութիւն կը հռչակէ, եւ երկու օտարածէս ընթերականերով եւ լատին եկեղեցւոյ մը մէջ 1740 մայիս 3-ին, շաբաթ օր, եպիսկոպոս կը ձեռնադրէ հայր Յակոբ Յովսէփեանը, իբր իրեն յաջորդ Բերիոյ վրայ: Անկէ ետքը իր ձեռնադրածին եւ օտարածէսի մը ընկերակցութեամբ յունիս 11-ին, չորեքշաբթի օր, կը ձեռնադրէ հայր Իսահակ Բարսեղեանը, իբր Քիլիսի եպիսկոպոս, եւ վերջէն նոյեմբեր 23-ին, կիրակի օր, իր երկու ձեռնադրածներով, կը ձեռնադրէ Մելքոն Թուխմանեան վարդապետը, իբր Մամպտոյ եպիսկոպոս: Այսպէս կաթողիկոսանալու պէտք տեսած եպիսկոպոսները ինքն իրեն պատրաստելով, 1740 նոյեմբեր 26-ին, չորեքշաբթի օր, երեք եպիսկոպոսներով իր օծման եւ կաթողիկոսացման ծիսակատարութիւնները կը լրացնէ (ԱՂՔ. Ա. 15, ԴՒԹ. 87), ինչպէս կը յայտնուի ձեռնադրեցին զիս կաթողիկոս գրելէն (ՄԽԻ. 463): Ասոնք են պատմական պարագաները, եւ բաւական են գործին ապօրինութիւնը հաստատել:

2010. ԱՐԾԻՒԵԱՆ Ի ՀՌՈՄ

Ուզեցինք մանրամասնեալ կերպով եղելութիւնները պատմել, որպէսզի տեսնուի, թէ ինչ կերպով պատրաստուած է հռոմէականներու կարծեօք կազմուած Լուսաւորչին հարազատ յաջորդութիւնը, եւ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ օրինաւոր հայրապետութիւնը, եւ Ամենայն Հայոց ճշմարիտ կաթողիկոսութիւնը: Հայաստանեայց հայրապետութեան հարազատ յաջորդութեան` այլեւս Կիլիկիոյ աթոռին մէջ չ՚ըլլալը ազգովին ընդունուած ճշմարտութիւն էր եւ է: Եթէ այնպէս ըլլար ալ, Աբրահամ Կիլիկիոյ կաթողիկոս ալ չէ, այլ հակաթոռ կաթողիկոսէ մը ձեռնադրութիւն ստացած, ընտրողական պայմաններուն բոլորը ոտքի տակ առած, առանց կաթողիկոսութեան կաթողիկոսական գործեր կատարելու անկանոնութեան ներքեւ ինկած, եւ մանկական խաղ խաղալու պէս` ինքն իրեն երեք եպիսկոպոս շինած, եւ իր շինած եպիսկոպոսներէն կաթողիկոսութեան օծում եւ աստիճան ստացած, եւ պարզ անձնախաբութեամբ գոհունակութիւն զգացած մէկն է: Խաղը ամբողջացնելու համար ալ` ինքն Կիլիկիոյ աթոռին պարապութիւնը կեղծած է, իսկ հռոմէականներէն շատեր իրենց խիղճը հանդարտելու համար` պապէն ստացուած հաստատութեան փաստին կը դիմեն: Այդ մասին իրենց ուրիշ բան չենք կրնար ըսել, բայց եթէ պապն ալ, իբր հայրապետ մը, կրնայ իր շրջանակին մէջ աթոռներ հաստատել կամ ջնջել, եւ իրեն հպատակութեան ներքեւ հայածէս աթոռ մըն ալ ստեղծել որեւէ անունով կամ աստիճանով: Միայն թէ այն ինքնաստեղծ աթոռը` ոչ հայկական աթոռի մը յաջորդութիւն է, ինչպէս կը կարծեն (ԴՒԹ. 89), եւ ոչ ալ հայկական օրինաւորութեամբ կազմուած աթոռ մըն է, ինչպէս կը պատմեն (ԴՒԹ. 90), այլ Հռոմի պապին ազատ կամքէն բղխած հռոմէական ստեղծագործութիւն մըն է: Աբրահամ ինքն ալ յառաջ բերուած ճշմարտութեանց գիտակ եղած պիտի ըլլայ, որ կարծուած կաթողիկոսութենէն անմիջապէս վերջ 1740 դեկտեմբերին Բերիայէ կը մեկնի Հռոմ երթալու միտքով (ԱՂՔ. Ա. 16), բայց դիւրութիւններ չի գտներ մտադրութիւնը անմիջապէս գործադրելու: Միւս կողմէն իր ձեռնարկին լուրն ալ տարածուելուն վրայ` դժպհի հետեւութենէ եւ նորանոր արկածէ վախնալով, կը փութայ նորէն Անտոնեանց Քրէյմի վանքին առանձնարանը ապաւինիլ` Մարոնիներու պաշտպանութեան ներքեւ: Այնտեղ կը մնայ Աբրահամ մինչեւ 1741 սեպտեմբեր 30, ուղեւորութեան կերպերը ու պէտքերը մտածելով: Յիշեալ օր կ՚իջնէ Սիւրիական Տրիպոլիս, ուր հիւրընկալութիւն գտած էր Ավրատ կղզիէ ազատելէն ետքը 1940): Նոյեմբեր 3-ին նաւ կը մտնէ, եւ 30-ին Կիպրոս կը հասնի, ուր կը մնայ մինչեւ 1742 յունուար 7, եւ նորէն նաւագնացութեամբ ու ալեկոծ ծովով, եւ Սարտենիա կղզին հանդիպելով Մարսիլիա կը հասնի մարտ 10-ին: Քառասնօրեայ մաքրարանը սպասելով ապրիլ 19-ին դուրս կ՚ելլէ եւ երկուքուկէս ամիսի չափ եւս այնտեղ անցընելով յուլիս 2-ին կը մեկնի նաւով, եւ Լիվօռնօ հանդիպելով, ու Անքօնա անցնելով (ԴՒԹ. 94-96), Հռովմ կը մտնէ 1742 օգոստոս 11-ին (ԴՒԹ. 97), կամ լաւ եւս 13-ին (ԱՂՔ. Ա. 16):

2011. ԱՆՏՈՆԵԱՆՔ ԵՒ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՔ

Հռոմի մէջ կատարուած ձեւակերպութիւններուն չանցած, յառաջ բերենք Անտոնեանց եւ Մխիթարեանց միջեւ տեղի ունեցած յարաբերութիւնները: Երկու միաբանութիւններ իրարու անծանօթ չէին, թէպէտ ծովով ու ցամաքով բաժնուած: Մխիթար Բերիա եղած էր 1839), այնտեղ կաթոլիկութեան եւ կաթոլիկ վանականութեան հետ շփուած էր, Մուրատեան եղբայրներու հետ ծանօթութիւն եւ յարաբերութիւն ալ անշուշտ ունեցած էր, եւ միաբանութիւն մը կազմելու նպատակին հետ Լիբանան քաշուելու խորհուրդն իսկ ունեցած էր կանուխէն (ՄԽԻ. 156), եւ պարզապէս հանդիպմամբ Արեւմուտք ինկած էր 1860): Վերջին ատեններ երկու Անտոնեաններ ալ Յակոբ եւ Իսահակ հայրեր` երկու տարիէ աւելի Վենետիկ մնացած էին 1988), եւ այս ամէնը Անտոնեանց եւ Մխիթարեանց մէջ փոխադարձ յարաբերութիւններու առիթներ կը կազմէին: Յակոբ եւ Իսահակ վարդապետներու Անկիւրիայէ Լիբանան գալերնուն առթիւ բերած գրաւիչ տեղեկութիւնները, Արեւմուտքի հրապուրիչ անունը, եւ ամէն Հայ եղողի սիրտին մէջ բորբոքող զարգացման զգացումը, Անտոնեանց մէջ ալ փափաք ծնուցած էին, որ իրենք ալ այդ ուղղութեան դիմեն: Ամէնէն գործնական ձեւը գտնուեցաւ երկու միաբանութիւնները ձուլել, նոյնիսկ Մխիթարի ձեռքին տակ, իբրեւ արեւմտեան գործերու փորձառու մեծաւոր մը: Այդ միտքը իրականացնելու համար մտածեցին, փոխանակ Մարոնի Անտոնեաններու կանոնին` Մխիթարի կազմած կանոնագիրը ընդունիլ, Վենետիկէ մէկ երկու միաբաններ Լիբանան բերել` նոյն կանոնին գործադրութեան հսկելու համար, եւ Քրէյմի վանքն ալ Մխիթարի բարձր իշխանութեան ենթարկել: Այդ նպատակով երեք նամակներ կը գտնուին Մխիթարի ղրկուած: Արծիւեան կը գրէ 1741 յուլիս 18-ին, ուր առաջ իր կրծաները կը պատմէ ընդարձակօրէն, Անտոնեանց հաստատութիւնը իր գործը կը ցուցնէ, եւ վրայ կը բերէ վերոյիշեալ առաջարկները (ՄԽԻ. 462): Յակոբ Յովսէփեան, Բերիոյ եպիսկոպոս եղած 2010), կը գրէ յուլիս 22-ին իբր Մխիթարի անձնապէս ծանօթ մը 1988), եւ իբր հիմնադիրներուն վերջին մնացորդը, զի Մինաս ալ վախճանած էր այն օրերը. հաւանութիւն կը յայտնէ միեւնոյն առաջարկներուն, եւ անոնց ընդունելութիւնը կը յանձնարարէ (ՄԽԻ. 465): Աբբահայր Պետրոս Ներսէսեան, նորընտիր մեծաւորն ալ 2009), կը գրէ սեպտեմբեր 3-ին, եւ միեւնոյն կէտերը առջեւ կը դնէ, եւ թէպէտ Արծիւեանի ալ գրած ըլլալը կը յիշէ, բայց գործին իբր տէր կը ցուցնէ ինքզինքը, զայս մենք հաճեցանք եւ գրեցանք ըսելով (ՄԽԻ. 466): Արծիւեանի նամակէն կը քաղուի թէ վանքին մէջ 16 կարգաւորք կան, թէ 3 կարգաւորներ եպիսկոպոս եղած եւ հեռացած են, եպիսկոպոս մը ու քահանայ մը ու եղբայր մը վախճանած են, եւ միայն երկու եպիսկոպոս կը մնան դուրսը (ՄԽԻ. 463), որ են Յակոբ Յովսէփեանը եւ Իսահակ Բարսեղեանը 2010), իսկ երրորդ մեռնող եպիսկոպոսի անունը անծանօթ կը մնայ: Ներսէսեանի նամակին մէջ կը յիշուին 11 հայր քահանայ, 3 եղբայր կրօնաւոր եւ 4 նորընծայ (ՄԽԻ. 466), ոչ նոր ընծայեալի, այլ ընծայացուի իմաստով:

2012. ՄԽԻԹԱՐԻ ՄԵՐԺՈՒՄԸ

Այդ նամակները յայտնի չէ թէ ով տարաւ Եւրոպա, զի Մխիթար 1742 փետրուար 9-ին միայն կը պատասխանէ Յովսէփեանի, եւ միանգամայն Արծիւեանի իսկ գրած ըլլալը կը յիշէ, բայց այս գիրը տեսնուած չէ: Մխիթար Անտոնեանց առաջարկը կը մերժէ պատճառելով, թէ իրենց կանոնը կը պահանջէ պատշաճաւոր հասակի մէջ եղող աշակերտներ առնել, կրթել եւ փորձել, եւ յետոյ միաբան ընդունիլ, եւ ոչ զբոլոր վանք մի կրօնաւորաց: Կ՚աւելցնէ թէ իրենց միաբանները պէտք է կատարեալ գիտութիւն ունենան, եւ ուսանելով հասնին առ կատարելութիւն գիտութեան, իսկ կրօնաւորք վանիցն Լիբանանու տարիքնին առած են, եւ որպէflս մարթ է հասու առնել զնոսա կատարեալ գիտութեան (ՄԽի. 470): Մխիթարեանց ժառանգական մեծամտութեան արմատը կը տեսնուի Մխիթարի այս պատասխանին մէջ, ինքզինքնին կատարեալ գիտութեան տիրապետած եւ ուրիշները ուսումէ զուրկ մնացած կարծելով: Անտոնեանց առաջարկը ձուլումն էր երկու միաբանութեանց, եւ ոչ նորէն աշակերտութեան մտնել, եւ Մխիթար ինքն ալ, ոչ պզտիկ պատանիներով, այլ հասունցած անձերով, նոյնիսկ ձեռնադրուած վարդապետներով կազմած էր իր նախնական խումբը: Հետեւապէս արուեստակեալ ձեւ ունէր Մխիթարի պատասխանը, եւ խնդիրին հիմը այլայլելով, մերժումը կերպաւորել կ՚ուզէր: Արծիւեանի ուղղուած նամակն ալ անոր ձեռքը հասած է Հռոմ եղած ատենը (ՄԽԻ. 468), իսկ Ներսէսեանի նամակին պատասխանը մէջտեղ չէ երեւցած, ուրիշ տեղ մըն ալ յիշուած չէ. եւ կը սիրենք ենթադրել թէ Անտոնեանց աբբահօր նամակը անպատասխանի թողլու չափ առջեւ գացած չէ Մխիթար:

2013. ԱՐԾԻՒԵԱՆԻ ՀԱՍՏԱՏՈՒԻԼԸ

Արծիւեան 1742 օգոստոս 13-ին Հռոմ հասնելուն (ԴՒԹ. 170), մեծ հոգածութեամբ եւ պատուասիրութեամբ ընդունուեցաւ պապէն, որ էր Բենեդիկտոս ԺԴ. Լամպէրթինի (Lambertini), գիտնական եւ գործունեայ ճանչցուած անձ մը: Արդեօք Արծիւեան կրցաflւ իրօք Բենեդիկտոսը խաբել իր ընտրութեան եւ աստիճանին օրինաւորութեան համար, կամ թէ Բենեդիկտոս կրցաflւ ներքնապէս համոզուիլ իրեն ներկայացուած պարագաներուն վրայ, չենք ուզեր խնդիրի նիւթ ընել. միայն յայտնի է թէ պապը ուզեց առիթէն օգուտ քաղել եւ պապութեան նոր յաղթանակ մը կազմել, Հայոց եկեղեցւոյն կաթողիկոսին իրեն ոտքը գալէն եւ իր ոտքը համբուրելէն (ԴՒԹ. 175): Խաբուիլ ուզելուն կամ իրաց իսկութիւնը մէջտեղ չհանելուն ամէնէն մեծ նշանն է, որ Հռոմի սովորական եղող երկար քննութիւնները զանց եղան, եւ արագօրէն ընդունելութեան ձեւակերպութիւնները հրամայուեցան: Դժբախտաբար Աբրահամ հիւանդացաւ, հիւանդութիւնը ծանրացաւ եւ երկարեցաւ, եւ հարկաւ գեղեցիկ առթին կորուստէն վախնալով` պապը ամէն խնամք հրամայեց, անձամբ ալ Ս. Մարիամ Եգիպտացի եկեղեցւոյն կից Հայոց հիւրանոցը այցելեց: Հազիւ թէ Աբրահամ հիւանդութենէն կազդուրուեցաւ, իր պաշտօնական խնդրագիրը մատոյց (ԴՒԹ. 100), եւ Փիլիպպոս Մօնթի (Filippo Monti) Փրոփականտայի քարտուղարը իր ամփոփումը պատրաստեց, որ սեպտեմբեր 9-ի գումարման մէջ Փրոփականտայի ժողովէն ընդունուեցաւ, 11-ին պապէն հաստատուեցաւ (ԴՒԹ. 171), եւ անոր վրայ Փրոփականտայի նախագահը իր տեղեկագիրը կազմեց (ԴՒԹ. 172): Կարդինալական մասնաւոր ժողովին գումարման օր որոշուեցաւ նոյեմբեր 26, հին տոմարով 15, երկուշաբթի օր, որուն մէջ նախ Յովհաննէս Քաբբա (Giovanni Cappa) պապական բարձր ատեանի փաստաբաններէն, պաշտօնական խնդրագիրը կարդաց, եւ Աբրահամ ծնկաչոք պապին ոտքը համբուրելով` իր բերնով ու արաբերէն լեզուով անոր եզրակացութիւնը արտասանեց, զոր Յովսէփ Ասսեմանի` Մարոնի վարդապետը թարգմանեց (ԴՒԹ. 177): Ասոր վրայ Աբրահամ նորէն արաբերէն լեզուով հաւատոյ դաւանութիւնը կարդաց, միշտ Ասսեմանիի թարգմանչութեամբ (ԴՒԹ. 150): Պապը Աբրահամի պատրիարքական պաշտօնին վրայ ատենաբանութիւն մը ըրաւ, կարդինալներ հաւանութիւն յայտնեցին, եւ պապն ալ որոշեց պալլիումի տուուչութիւնը կատարել մօտ օրէն: Այդ ձեւերը պապական դիւանի սովորականներն են, եւ միայն դիտողութեան տեղի կրնայ տալ, Աբրահամի կողմէն, փոխանակ հայերէնի, արաբերէն լեզու գործածուիլը, որ հաւանաբար հետեւանք է Հայերուն մէջ Ասսեմանիէ վստահելի թարգման չգտնուելուն: Այդ արարողութեան համար որոշուած էր Աստուածածնայ Յղութեան տօնը, դեկտեմբեր 8-ին, շաբաթ օր, եւ հանդէսը տեղի պիտի ունենար Ս. Աստուածածնայ Լիբերեան աւագ եկեղեցին (Santa Maria Maggiore), բայց տեղատարափ անձրեւներուն պատճառով, Կուիրինալեան պալատին մատրան մէջ կատարուեցաւ, եւ Բենեդիկտոս անձամբ կատարեց պալլիումի զգեստաւորութիւնը (ԴՒԹ. 184), ուրիշ ընծաներ ալ տալով այս առթիւ (ԴՒԹ. 185): Պապական կոնդակն ալ տրուեցաւ 1742 նոյեմբեր 26 թուականով (ԴՒԹ. 190): Իսկ Աբրահամ ամէն գործ վերջացնելէ ետքն ալ Հռոմի մէջ մնաց, նպաստներ եւ շնորհներ ճարելու նպատակով, եւ Հռոմ գտնուող Հայազգիներու նկատմամբ քննութիւններ կատարելու յատուկ յանձնարարութեամբ (ԴՒԹ. 122):

2014. ԻՆՉ ԻՆՉ ԴԻՏՈՂՈՒԹԻՒՆ

Հռոմի մէջ կատարուած գործերը, քանի որ Հայոց եկեղեցւոյն հետ կապ մը չունի, կրնանք ձգել իրենց հաճութեան: Միայն պիտի դիտել տանք թէ Բենեդիկտոսի յայտարարութիւնները չեն կրնար պատմական ճշմարտութիւններ այլայլել, ոչ ալ կը բաւեն Բերիոյ մէջ առանց օրինաւորութեան կաթողիկոս հռչակուողը, ինքզինքը Կիլիկիոյ դէմ հակաթոռ Պետրոս Պիծակին ժառանգ ճանչցողը: Կիլիկիոյ կաթողիկոս Միքայէլին աթոռի վրայ գտնուած ատեն աթոռը դատարակ ցուցնողը, եւ աթոռին Սիսէ Էջմիածին փոխադրութեան պատմական ստուգութիւնը ուրացողը, Լուսաւորչի ուղիղ եւ օրինաւոր աթոռաժառանգ դարձնել: Ուրիշ խնդիր մըն ալ` որ հռոմէականաց մէջ իսկ կը յուզուի, Աբրահամի իրաւասութեան սահմանն է: Պապական պաշտօնագիրերուն մէջ Արծիւեան լոկ պատրիարք Կիլիկիոյ բառով կը կոչուի, եւ կաթողիկոս բառն իսկ չգործածուիր, մինչ Աբրահամ ինքզինքը Ամենայն Հայոց կաթողիկոս ցուցնել կը ճգնէր, իսկ Մխիթար ալ այդ կարծիքին անհիմն լինելը եւ Կիլիկիոյ սահմանէն դուրս իրաւասութիւն չունենալը իրեն կը զգացնէր (ՄԽԻ. 469): Պզտիկ ծանօթութիւն մըն ալ Պետրոս կոչումին մասին, զոր Աբրահամ առաւ իր վրան եւ անկէ ետքն իրեն յաջորդներն ալ սովորութիւն ըրին իրենց անունին աւելցնել: Սովորութիւն է կարծել թէ այդ անունը իբր համակրութեան եւ պատուոյ նշան Բենեդիկտոս շնորհած ըլլայ Աբրահամին, կամ թէ Աբրահամ պապին հաւանութեամբ ստանձնած ըլլայ Հռոմ եղած ատենէն: Սակայն Աբրահամի ներբողաբանը կը գրէ յայտնապէս, թէ նա Պետրոս անունը առաւ ի յիշատակ Պետրոս Պիծակ պատրիարքին (ԴՒԹ. 92): Ասիկա կու գայ հաստատել անգամ մը եւս, թէ Աբրահամ ամենեւին յարաբերութիւն չի կրնար ունենալ Սսոյ կաթողիկոսներուն հետ, եւ ոչ ալ անոնց յաջորդութեանը յաւակնիլ, այլ պարզապէս հակաթոռի մը յաջորդ հռչակած կ՚ըլլայ ինքզինքը: Թերեւս այդ անունի փոփոխութիւնը պէտք եղած է` պատրաստ կնիք ունեցած ըլլալու համար, եւ ձեռքի տակ գտնուող Պետրոս Պիծակի կնիքը գործածելէն, զի Մխիթարի ուղղած նամակին մէջ ալ, պարզապէս Պետրոս կաթողիկոս վերտառութեամբ կնիք մը գործածուած է (ՄԽԻ. 464), եւ Ներսէսեան ալ Աբրահամի անունը տալու համար, հոգեւոր տէրն մեր Պետրոս կաթողիկոսն կը գրէ պարզապէս (ՄԽԻ. 466), Աբրահամ անունն ալ զեղչելով: Այս տեսութիւններով անգամ մըն ալ կը հաստատուի թէ Աբրահամու կաթողիկոսութիւնը, ոչ միայն Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութիւնն չէ, այլ եւ ոչ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հետ օրինաւոր կապ մը կրնայ ունենալ:

 

2015. ԱՐԾԻՒԵԱՆ Ի ԼԻԲԱՆԱՆ

Աբրահամ վերջապէս Հռոմէ մեկնեցաւ 1743 յուլիս 11-ին, եւ 18-ին Լիվօռնօ հասաւ (ՄԽԻ. 467), եւ միջոց մըն ալ այն տեղ մնաց, զի ինչպէս օգոստոս 7-ին Մխիթարին կը գրէ, նաւ չէր գտներ գնով յուրեք, եւ ինչ ընելիքին վրայ ալ վարանոտ էր, Լիբանաflն թէ Կոստանդնուպոլիflս կամ թէ Գաղղիաfl երթալ (ՄԽԻ. 467): Մխիթար օգոստոս 17-ին կը պատասխանէ, հեռացնելով Կ. Պոլիս երթալու գաղափարէն, եւ աւելի յորդորելով Գաղղիա երթալ, եւ թագաւորէն նպաստ եւ պաշտպանութիւն ճարել Կիլիկիոյ համար (ՄԽԻ. 469): Բայց Աբրահամ միշտ մտադիր էր Կ. Պոլիս անցնիլ, եւ հոն յատուկ պատրիարքութիւն մը կազմակերպել, Թասպասեանի հին խորհուրդին համաձայն 2010): Սակայն Կ. Պոլիսէ ալ վստահելի լուրեր չէր առներ, զի իր ձեռնարկը յուզում յառաջ բերած էր, եւ իր հակաթոռ եւ հակադաւան ձգտումները պատրիարքարանը պաշտպանողական միջոցներու պարտաւորած էին: Նալեան պատրիարքի միջնորդութեամբ նոր հրովարտակներ ստացուած էին, օտարներու ապաւինելով ազգային իշխանութեանց անսաստողներուն դէմ, եւ Միքայէլ Աջապահեան կաթողիկոսը երիցս Բերիա իջած էր պարտուպատշաճը գործադրելու, եւ խռովութեանց պարագլուխները զսպելու: Ասանկներու համար պետական հրաման կար Ատանայի բերդը բանտարկելու, եւ Յակոբ եպիսկոպոսն ալ նախ պահուըտելու եւ յետոյ Քրէյմ քաշուելու ստիպուած էր (ԱՆՏ. ), եւ կաթոլիկներու ձեռք ձգած եկեղեցին ալ իրենցմէ ետ առնուած էր (ԴՒԹ. 119): Աբրահամ նոր դիմում ըրած էր Բենեդիկտոսի որ իրեն տուած յանձնարարականներէն զատ, նոր հրահանգներ տայ Կ. Պոլսոյ եւրոպական դեսպաններուն` զինքն պաշտպանել եւ իրեն պաշտօնական դիրք ստեղծել տալ. սակայն պապը 1743 օգոստոս 10 թուակիր նամակով, խոստումներ միայն կ՚ընէր եւ նախախնամութեան վրայ յոյսը դնելու կը յորդորէր (ԴՒԹ. 135): Կարդինալներէ առած նամակներն ալ զգուշաւորութիւն կը յանձնարարէին, միանգամայն հայր Գրիգոր Ներսէսեանի նամակէն կը տեղեկանար թէ կառավարութիւնը ամէն կողմ հրամաններ տուած է, որ ուր եւ հանդիպի ձերբակալուի, եւ Ատանայի բերդը տարուի (ԴՒԹ. 134): Այդ տպաւորութեանց ներքեւ օգոստոս 10-ին Լիվօռնոյէ մեկնեցաւ, սեպտեմբեր 15-ին Աղեքսանդրիա հասաւ, եւ հազիւ ցամաք ելած, ձեռք իյնալէ վախցաւ, եւ գիշերախառն նաւ դառնալով, Պէյրութ եկաւ, եւ հոն ալ զգուշաւորութեամբ ցամաք ելլալով շուտով Լիբանանի սահմանը մտաւ, եւ եկաւ իր հնօրեայ ապաստանարանը, Անտոնեանց Քրէյմի վանքը, ուր մտաւ 1743 հոկտեմբեր 6-ին (ԴՒԹ. 139), ուսկից վերջին անգամ մեկնած էր երկու տարի առաջ 1741 սեպտեմբեր 30-ին 2011): Այդ ուղեւորութեան մէջ ալ Աբրահամ Անտոնեաններէ օժանդակուած էր, իրեն ուղեկից առնելով Իսահակ եպիսկոպոսը եւ հայր Նիկողայոս Միրոյեանը, որոնցմէ երկրորդը Լիվօռնօ մնաց, իսկ եպիսկոպոսը մէկտեղ դարձաւ, եւ Եգիպտոսէ ալ իրեն ընկերացաւ հայր Յովսէփ Ստեփանեան կամ Այվազեան, ամէնքն ալ Անտոնեան միաբաններ:

2016. ԱՐԾԻՒԵԱՆԻ ՁԳՏՈՒՄՆԵՐԸ

Որչափ ալ ահուդողով Լիբանան փախած, Աբրահամ հրաժարած չէր Կ. Պոլսոյ մէջ Հայ-կաթոլիկ պատրիարքարան մը հիմնելու գաղափարէն, եւ Թուրքիոյ ամէն կողմ գտնուող կաթոլիկներու վրայ իշխանութիւն բանեցնելու ձգտումէն, թէպէտեւ պապական կոնդակով ալ լոկ Կիլիկիոյ սահմանները նշանակուած էին իրեն իրաւասութեան: Իր Լիբանան քաշուելովը իրեն մասին հրամայուած զգուշաւորութիւնները լռեցին, եւ հազիւ թէ այդ բանը իմացաւ հայր Գրիգոր Ներսէսեանի եւ հայր Պօղոս Սամանճեանի նամակներէն, Կ. Պոլիս երթալու փափաքը նորոգուեցաւ: Ըստ այսմ 1744 նոյեմբերին Պէյրութ կ՚իջնէ նաւ փնտռել, եւ առաջին առիթով Աղեքսանդրիա կ՚անցնի: Հարկաւ շատ կանուխէն Կ. Պոլիս ալ լուր տուած պիտի ըլլայ, որ Գաղղիական դեսպանը եւ Լատին եպիսկոպոսը կը փութան արգելել անոր ուղեւորութիւնը, եւ լուր կը հասցնեն Աղեքսանդրիա որ Կ. Պոլիս չգայ: Հարկաւ անոնք ալ կը նախատեսեն յանդուգն ձեռնարկին դժբախտ ելքը, եւ իրենց ալ պետական օրէնքներու հակառակ յաջողելուն անհնարութիւնը (ԴՒԹ. 141): Սակայն ուրիշներ Լատին քարոզիչներու ագահութեան, եւ Լատին եպիսկոպոսին շահախնդրութեան կը վերագրեն այդ քայլը, որոնց նիւթական օգուտները պիտի վտանգուէին, եթէ Հայ-կաթոլիկներ Լատին եկեղեցիներէ հեռանալով իրենց յատուկ եկեղեցիներն ու նուիրապետութիւնը ունենային (ԴՒԹ. 126): Լատին եպիսկոպոսին նամակը 1744 ապրիլ 30-ին գրուած էր (ԴՒԹ. 143), բայց Աբրահամ զայն Աղեքսանդրիոյ մէջ առաւ, եւ ստիպուեցաւ համակերպիլ ու ետ դառնալ: Նաւով Աքիա ելաւ, եւ Դամասկոսէ անցնելով նորէն Քրէյմի վանքը ապաւինեցաւ 1745-ին սկիզբները, ուսկից այլեւս չհեռացաւ, ինքն ալ հարկաւ համոզուելով իր ձգտումներուն անգործադրելիութեան վրայ: Երբոր Աբրահամ այլեւս հանդարտօրէն տեղաւորուեցաւ Քրէյմի վանքը, Անտոնեանք չհրաժարեցան Արեւմուտք անցնելու գաղափարէն, որուն հետեւանքն եղած էր Մխիթարեանց հետ ձուլուելու խորհուրդը 2011): Մխիթարի մերժումի վրայ իրենք իւրովի փոխադրուելու ծրագիրը կազմեցին, եւ 1746-ի ժողովին, որուն մէջ հայր Յովսէփ Այվազեան աբբահայր ընտրուեցաւ, որոշեցին նաեւ Հռոմի մէջ վանք մը ունենալ, եւ առ այս պէտք եղած նախապատրաստութեանց համար հայր Գրիգոր Ներսէսեանի եւ հայր Պօղոս Սամանճեանի պաշտօնը տրուեցաւ Հռոմ ուղեւորիլ: Ասոնք նորէն Կ. Պոլիս մեկնեցան, բայց այս անգամ Հռոմ անցնելու միջոցներ եւ դիւրութիւններ չգտան (ԱՆՏ. ): Քիչ մը աւելի երկարեցինք կաթոլիկական գործունէութեան վրայ, ուզելով անոր մասին որոշ գաղափար մը տալ:

2017. ՆԱԼԵԱՆԻ ԸՆԹԱՑՔԸ

Կ. Պոլիս եւ Երուսաղէմ նորութիւններ չեն ներկայեր մեզ այդ միջոցին, Նալեանի առաջին եւ Շղթայակիրի վերջին տարիները սովորական գործունէութեամբ անցան: Նալեանի ձեռնարկներէն յիշեցինք Արծիւեանի ոտնձգութիւններուն առջեւն առնելու համար ըրածները 2015), առանց մեծամեծ խնդիրներ յուզելու: Կաթոլիկութեան դէմ ձեռք առնուած միջոցները աւելի Բերիոյ կողմերուն վրայ գործածուեցան, եւ թէպէտ Արծիւեանի ձեռնարկը բոլորովին չխափանուեցաւ, բայց գոնէ պարտաւորուեցաւ Լիբանանի մէջ փակուիլ, եւ անկէ դուրս ալ` գողունի եւ ընդհատ կերպով կրնային գործել, իր հրամանով աստեւանդ ղրկուած Անտոնեան միաբանները:

2018. ԱՂԹԱՄԱՐԻ ԳՈՐԾԵՐ

Աղթամարի աթոռին վրայ ալ Պաղտասար Բաղիշեցիէ ետքը 1963) կը յիշուին Սահակ Աղբակեցի, եւ Յակոբ Ամդեցի, եւ Նիկողայոս Սպարկերտցի, որ 1740-ին գրուած յիշատակարանի մէջ յիշուած է (00. ԲԻԶ. 1119), թէպէտ ուրիշ տեղ 1743-ին կաթողիկոս եղած կ՚ըսուի, իր նախորդին գահընկէցութեամբ վասն անյարմար կացութեանն, եւ զի զաթոռն ի սպառ անշքացոյց, զեկեղեցական միաբանսն ցրուեաց, եւ զկնաւոր աշխարհականս բնակեցոյց ի վանքն (ՋԱՄ. 95): Նիկողայոս ալ նորոգեց վիճակներ գրաւելու փորձը, եւ Աղեքսանդր աբեղայի մը ձեռքով Օսմանեան կառավարութենէ հրովարտակ կը հանէ, Վան, Բաղէշ, Մուշ եւ շրջակայ վիճակներ իւրացնելու, եւ անոր զօրութեամբ Էջմիածինի նուիրակ Յովհաննէս վարդապետն ալ կը վտարէ, հաւաքած արդիւնքն ալ ձեռքէն առնելով: Ջահկեցիին բողոքելուն վրայ` հակառակ հրովարտակ մը կը ստանայ Նալեան 1746-ին, եւ ոչ միայն վիճակները այլեւ արդիւնքները ետ կ՚առնեն Նիկողայոսէ, եւ Ջահկեցին զՆիկողայոսն եւս բանադրէ: Ասոր վրայ Աղթամարի վիճակայինք կը յուզուին, եւ բոլոր վիճակօք, վանականօք եւ աշխարհականօք, Նիկողայոսը Էջմիածին կը ղրկեն արձակում ստանալու, խոստանալով այնուհետեւ կաթողիկոսօք եւ վիճակօք ի հնազանդութեան սրբոյ Էջմիածնի մնալ: Ջահկեցին կը զիջանի, Նիկողայոսը կ՚արձակէ եւ աթոռին կը դարձնէ, հրամայելով որ անկէ ետքը իրենք զայլ ոք մի դնիցեն, այլ ընտրեալը ի սուրբ աթոռն առաքեսցեն զի օծցի: Նիկողայոս յետ ամաց ինչ կը մեռնի, եւ Աղթամարցիք նորէն ինքնագլուխ կ՚ընտրեն յաջորդը, Գրիգոր մը, բայց Ջահկեցիին յաջորդներ, պաշարեցեալք ի խառնակմանց ժամանակին մտադրութիւն չեն դարձներ, մինչեւ Գրիգորի մահը 1761-ին (ՋԱՄ. 96):

2019. ԱՂՈՒԱՆԻՑ ԱԹՈՌԸ

Աղուանից աթոռին վրայ Եսայիի մահուանէ ետքը 1956), ազատ մնաց հակաթոռ Ներսէսը 1929), թէպէտ երբեմն Էջմիածինէ բանադրուած, բայց կացութեան տէր կը դառնար: Կարապետ Ուլնեցի մտադրութիւն չէր դարձուցած, իսկ Խոշաբեցին ներեց անոր եւ թողուց որ պաշտօնը վարէ (ՋԱՄ. 85): Կրետացին սէր ալ ցուցուց 1900), եւ Ղազար գործը քննելով, թէպէտ Ներսէսին ետ խոստովանիլ զյանցանս իւր, բայց յետոյ արձակէ զնա ի կապիցն, եւ խոստմնագիր առնելէ ետքը թէ մի եւս ապստամբիցի, կոնդակով հաստատեց Ներսէսը իր աթոռին վրայ, որ մինչեւ 1763 ապրեցաւ (ՋԱՄ. 86):

2020. ԱՍՊԱՀԱՆԻ ԱԹՈՌԸ

Պարսկաստանի աթոռին, կամ Ասպահանի մետրոպոլտութեան եւ Ամենափրկչի առաջնորդութեան վրայ` վերջին անգամ յիշեցինք Դաւիթ Ջուղայեցին 1943), ճգնազգեաց անձ մը, որ բոլոր իր մտադրութիւնը դարձուցած էր եկեղեցական պաշտամանց մասին: Իրմէ գրուած կանոններուն մէջ կը յիշուին, 1. Պատարագի օրեր երեք Ողորմեա ըսել, եւ մէկ հատով չշատանալ: 2. Գիշերային ժամին անխափան ներկայ գտնուիլ: 3. Քահանաներ միշտ ընկեր քահանայով ժողովուրդի տուները երթալ: 4. Քահանաներ շուկայ չելլալ եւ խանութները չնստիլ: 5. Եկեղեցականներ ջաշխուր չհագնիլ: 6. Հրաժարիմք, Խոստովանիմ եւ Մեղայ աղօթքները զանց չ՚ընել: 7. Պահք թէ ուտիք ամէն լուր օրեր անպակաս Արեւագալի ըսել: 8. Եկեղեցականներ քթախոտ չգործածել (ՏՅՈ. Բ. 53-55): Այդ կանոնները բաւական են Դաւիթին անձնաւորութիւնը նկարագրել: Իրեն պաշտօնը տեւած է 3 տարի, եւ 1728 դեկտեմբեր 18-ին վախճանելով իրեն յաջորդած է Աստուածատուր Ֆահրապատցի եպիսկոպոսը, մականուանեալ Աղաւնի, հեզամիտ եւ խաղաղասէր անձ մը, որ մինչեւ 1745 յունուար 17 ապրած է (ՏՅՈ. Բ. 58), եւ բարի անուն թողած է ետեւէն: Անոր յաջորդն է Պօղոս Ջուղայեցին: Այսչափս համառօտիւ զանազան աթոռներու վրայ խօսելէ ետքը, անցնինք Մայրաթոռին, զոր պահ մը աչքէ հեռացուցինք:

2021. ՆԱՏԻՐԻ ԸՆԹԱՑՔԸ

Աբրահամ Կրետացի կաթողիկոսը, 1736 փետրուար 15-ին, երբոր իր բարեմաղթութիւնները Նատիրի կ՚ուղղէր 1978), ըսած էր նաեւ, որ ինչպէս զայն Պարսկաստանի յաղթական կը տեսնէր, Աստուծով Ղանտահարի եւ Հնդկաստանի յաղթական ալ պիտի տեսնէր (ԿՐԵ. 60): Նատիրին վրայ հիացողին գուշակութիւնները պարապի չելան, սակայն ինքը չտեսաւ, զի 1737-ին ամառուան վերջերը սկսաւ Նատիր շահ իր արշաւանքը, երբ Կրետացին մեռած էր արդէն 1990): Առաջին յարձակումը Ղանտահարի Աֆղաններուն վրայ ըրաւ, զի Հիւսէյին խան, շահ Մահմուտին 1964) եղբայրը, չէր խոնարհեր Նատիրի ձեռաց ներքեւ, որ Աֆղանները Պարսկաստանէ հեռացուցած էր (ԽԱՉ. 261): Նատիր զօրացաւ, եւ Ղանտահարը ու Քապուլը նուաճելէն ետքը, Ինդոս գետը անցաւ եւ Հնդկաստան մտաւ, Մողոլեան կայսրութեան մայրաքաղաքը Տէլհին գրաւեց 1739-ին (ՏՊԷ. 363): Սինան ալ նուաճեց, Հերաթի մէջ յաղթութիւնը տօնախմբեց, Պուխարա մտաւ, Խարիզմը ընկճեց, Խօրասանի Մէշէթ քաղաքը միջոց մը մնաց, եւ վերջապէս երբ հինգ տարի ետքը, 1742-ին Ասպահան դարձաւ, ընդարձակ Պարսկական կայսրութիւն մը կազմած էր, որուն սահմաններն էին Տիգրիս, Ինդոս, Ոքսոս եւ Կասպիականը (ՏՊԷ. 364): Բայց Կրետացիին գոված օրինակելի վեհապետը այլափոխուած էր այլեւս, ու սոսկալի բռնաւոր մըն էր դարձած: Հնդկաստանի աւարը անոր ախորժակը գրգռեց, եւ ամէն կերպերով հարստութիւն դիզելու հետամուտ եղաւ. բռնութենէ ու անիրաւութենէն չկասեցաւ, եւ ամէնուն ատելի դառնալ սկսաւ: Մեր նպատակէն դուրս կը նկատենք ասոնց մանրամասնութեանը մտնել: Նատիրին վրայ ազդեցութիւն գործած պարագաներուն կարգին կը պատմուի, իր դէմ եղած դաւաճանութիւնը, իր իսկ որդւոյն Ռիզաղուլիի գրգռութեամբ, ուսկից ազատեցաւ, բայց որդւոյն զերկոսին աչս բրէ ձեռամբ իւրով (ԽԱՉ. 262): Կրօնական զգացումներու կողմէ ալ անտարբեր եւ թոյլ կը նկարագրուի Նատիր, որ իբր հետաքրքրութիւն կը հրամայէ պարսկերէնի թարգմանել հրէութեան, քրիստոնէութեան եւ իսլամութեան սուրբ գիրքերը: Քրիստոնէութեան գիրքերուն համար Հայ վարդապետներու կը դիմէ, որոնք կը կատարեն հրամանը` Գէորգ Ջուղայեցի աստուածաբան եւ հանճարապերճ րաբունապետին գլխաւորութեամբ, որ թէեւ առաջնորդի սրբոյ վանացս Ջուղայի յորջորջմամբ նշանակուած է (ԽԱՉ. 263), սակայն նա անագան 1754-ին այդ պաշտօնին բարձրացաւ (ՏՅՈ. Բ. 61), իսկ Նատիր շահ 1747-ին սպանուեցաւ, որով տրուած յորջորջումը ապագային պիտի յատկացուի: Գէորգ եւ քահանայք եւ եկեղեցականք, որ անոր հետ էին, ոսկեճամուկ խիլայիւք եւ իբր հարիւր թուման ընծայիւք վարձատրուեցան (ԽԱՉ. 264):

2022. ՋԱՀԿԵՑԻՆ ԵՒ ԱԳՈՒԼԵՑԻՆ

Նատիրէ ոչ տարբեր բռնաւոր մըն ալ դարձած էր Ղազար Մայրաթոռի մէջ, ուսկից թէպէտ շինարար ձեռնարկներ ունինք, սակայն անոնցմով չեն արդարանար իր բռնական գործերը: Ղազարի յիշատակը շատ փառաւոր եղած կ՚ըլլար իր շինած վեհարանով, եւ իր անունէն կոչուած Ղազարապատ հիւրանոցով (ՋԱՄ. 31), եթէ միւս կողմէն միաբանութեան վրայ գործած հարստահարութիւններով զայն աղտեղած չ՚ըլլար, մինչ ինքն ալ ազատած չէր Նատիրի հարստահարութիւններէն: Իր արկածները զանազաններէ տարբեր պարագաներով պատմուելուն, պէտք է ըսենք թէ տարբեր գործեր են, եւ ոչ թէ տարբեր պարագաներով պատմուած են: Նախ կը յիշուի թէ 1742-ին Նատիր 24, 000 դահեկան պահանջեց Ղազարէն, պարզապէս այն պատճառով թէ չէ պարտ քահանապետից ստանալ զգանձս (ԽԱՉ. 265): Նատիր հարկաւ պահանջն ալ գանձած է, իսկ պահանջելուն առիթ փնտռել պէտք չէ, զի ունեցողէն ունեցածը առնել իրեն իրաւունք սեպած էր: Հարկաւ շահելու եւ շահուելու նպատակով էր, որ Ղազար 1745-ին Նատիրի տեսութեան գացած էր Խորասանի Մէշէթ մայրաքաղաքը (ՉԱՄ. Գ. 827), որ կը յարմարի Հնդկաստանի յաղթութենէ դառնալու միջոցին` հոն ժամանակ մը հանգստանալուն 2021): Իրեն հետ կը գտնուէին Պետրոս Այնթապցի եւ Աղեքսանդր Բիւզանդացի վարդապետները, աւելի ծանօթ իրենց Քիւթիւր եւ Քարաքաշ մականուններով: Այդ պարագային պէտք է կապել ուրիշ արկած մը, թէ Ղազար վասն յանցման իւրոյ` գանիւք եւ տուգանօք ընկեցաւ յաթոռոյն (ՇԱՀ. Ա. 227), եւ թէ Միքայէլ` տեղապահ ու Յովհաննէս Շիրաճի` գործակալ վարդապետները, առիթ գտան Քիւթիւրն ու Քարաքաշը ամբաստանել, թէ երկոքին եւս գրեցին զքէն չարախօսութիւն առ Նատըր շահ (ՉԱՄ. Գ. 828): Ինչ էր Ղազարի վրայ դրուած յանցանքը եւ ինչպէս գործադրուեցաւ գանակոծութիւնը` որոշակի գրուած չենք գտներ. բայց քանի որ տուգանք ալ կը յիշուի, գոնէ ինչպէս ազատած ըլլալուն կերպը կը բացատրուի: Իսկ աթոռազրկութիւնը լոկ թագաւորական հրաման մը ըլլալուն, ներքնապէս գործադրուած չէ, այլ արտաքին ձեւը յարգելով Ղազար գործէ քաշուած է, եւ Յովհաննէս Ագուլեցի` առաջնորդ Գողթան, իբրեւ փոխանորդ կամ տեղակալ գործերը վարելու սկսած է: Այդ կացութիւնը հազիւ վեց ամիս կը տեւէ, զի նոյն ինքն Յովհաննէս տեղակալ եւ միաբաններ` օգուտ քաղելով Նատիրի թոռ Շահռուհի Երեւան եւ Էջմիածին այցելելէն, անոր միջնորդութեամբ կ՚ընդունին Ղազարի նորէն աթոռ դառնալուն շնորհը, ծանր տուգանքի պայմանով, եւ Յովհաննէս նորէն իր առաջնորդական վիճակը կը դառնայ (ՇԱՀ. Ա. 228): Ըստ այսմ կրնանք Յովհաննէս Ագուլեցիէն հեռացնել` հակաթոռ մը եղած ըլլալու ենթադրութիւնը: Իսկ եղելութեան թուական կրնանք նշանակել 1745 տարին:

2023. ՔԻՒԹԻՒՐ ԵՒ ՔԱՐԱՔԱՇ

Ղազար հազիւ իր դիրքը գտած, կը սկսի Քիւթիւրին եւ Քարաքաշին վրայ բռնանալ, հիմնուելով այն քսութեան վրայ, զոր տեղակալ Միքայէլ եւ գործակալ Յովհաննէս հնարած էին 2022): Ջահկեցին կը խորհէր ընկճել եւ ստորնացնել այդ երկու վարդապետները, որոնց դիրքն ու արժանիքը իրեն աչքին փուշ եղած էին, եւ կերպով մը սանձ կը դնէին իր յախուռն բերմունքներուն: Ոչ միայն իրեն դէմ գրած ըլլալնուն բարուրանքը, այլ եւ իրեն նկատմամբ տարիներ առաջ ամէն մը ըսածնին կամ ըրածնին` ամբաստանութեան նիւթ կազմելով, հարցուփորձերու սկսաւ, հարուածներով խառն, եւ մինչեւ իսկ իբրեւ քաղաքական յանցաւորներ Թավրէզի իշխանապետութեան մատնել սպառնացաւ: Երկու վարդապետներուն համարձակ պատասխանները եւ իրեն ստութիւնները մէջտեղ դնելը` Ղազարը աւելի զայրացուցին, որ երկուքն ալ ֆալախայի հարուածներուն ենթարկեց, ուշաթափ ընել տալու չափ, եւ շղթայակապ բանտարկել տուաւ: Երեսուն օր մնացին այնտեղ անխնամ, հազիւ ոգեպահիկով, եւ տանջանքներու սպառնալիքով, եւ չկրցան ելլել, բայց եթէ բռնի պարտամուրհակներ ստորագրելով: Բայց այն ատեն ալ իրենց կնքուած սենեակները կողոպտուեցան, եւ իրենք ալ արգելական պահուեցան յիսուն օր եւս (ՉԱՄ. Գ. 830): Ղազարի ատելութիւնը աւելի սաստիկ էր Քիւթիւրին վրայ, անդստին ընտրութեան միջոցին իրեն հակառակ եղած ըլլալէն 1991), ուստի Քիւթիւր փութաց Կարս փախչիլ, իսկ Ղազար անոր փոքրաւորներուն եւ աբեղաներուն վրայ թափեց իր զայրոյթը: Բայց երբ օգուտ մը չքաղեց, նենգութեան դիմեց, եւ ամէն բան ետ դարձնելու եւ աւելի ալ բարձրացնելու հրապուրիչ խոստումներով Քիւթիւրը համոզեց ետ գալ: Բայց իսկոյն արգելական պահեց զայն` սենեակի մը մէջ բանտարկուած, եւ զայն ու փոքրաւորն ալ նեղեց ու տանջեց, որ պահծու եղածները յայտնեն, եւ ոչ իսկ ներեց սենեակէն ելնել զատկին օրը, 1746 մարտ 30-ին: Զատկին չորրորդ օրը, ապրիլ 2-ին, կաթողիկոսարանի բարապանները, Քիւթիւրը շապիկով մը կը մերկացնեն, եւ գետին տարածելով գլուխն ու մօրուքը կը գերծեն, եւ մաշկեայ հանդերձ մի գարշահոտ վրան նետելով Սեւան կը տանին, եւ ապրիլ 6-ին մութ նկուղ մը կը բանտարկեն, օրական չորցած հաց մը միայն տալու պայմանով, եւ բանտը երկու պահապաններու կը յանձնեն (ՉԱՄ. Գ. 832): Վեց ամիս մնաց Քիւթիւր այդ վիճակին մէջ, եւ հազիւ 1746 սեպտեմբերին ատենները Սեւանի միաբաններու միջնորդութեամբ շղթաները քակելու, եւ վանքին մէջ ազատ շրջելու հրամանը առնուեցաւ Ղազարէ: Քիւթիւր վերջին յուսահատութեան մատնուած, ալեկոծութեան պահուն, եւ առանց թիակի լքուած նաւակով մը յաջողեցաւ ցամաք ելնել, եւ յանծանօթս ու տեսակ տեսակ դժուարութիւններով կրցաւ Կարս հասնիլ, եւ անկէ ալ առանց ճանչցուելու Կարին երթալ: Ղազար զայն իմանալով, փորձեց Երեւանի Պարսիկ կուսակալին ձեռքով եւ առատ կաշառքներով Քիւթիւրը ձերբակալել ու բերել տալ, սակայն Կարնոյ կուսակալը պինդ կեցաւ, եւ չյանձնեց անձ մը` որ ապաւինեալ էր յերկիր իշխանութեան Օսմանցւոց, եւ Քիւթիւրը յորդորեց Կ. Պոլիս երթալ, եւ հոն իր գործերը կարգադրել (ՉԱՄ. Գ. 834):

2024. ՋԱՀԿԵՑԻՆ ՓԱԽՍՏԱԿԱՆ

Քիւթիւրին Կ. Պոլիս հասնիլը կ՚իյնայ 1747-ին սկիզբները, եւ յայտնի է թէ ինչ պիտի ըլլային անոր պատմածները մայրաքաղաքին եկեղեցականներուն եւ մեծամեծներուն առջեւ: Քիւթիւրին հեռանալովն ալ Էջմիածին հանդարտութիւն չի գտաւ, զի Ղազար շարունակ նորանոր գրգռութիւններ կը յուզէր իր վարմունքովը: Քարաքաշ չի յիշուիր այդ միջոցին, եւ կ՚երեւի թէ կողմ մը քաշուած էր, իսկ Ղազար իր ատելութիւնը դարձուցած էր Յակոբ Շամախեցի եւ Յովհաննէս Շիրաճի վարդապետներուն վրայ (ՉԱՄ. Գ. 839), թէպէտ վերջինը Քիւթիւրի եւ Քարաքաշի դէմ քսութիւններ յօրինողն էր 2023): Ղազար վանքէ դուրս ալ ազգային մեծամեծներուն վրայ կը բռնանար, եւ գլխաւորապէս իրեն դէմ գրգռուած էին Յարովէն եւ Խաչիպապ, Երեւանի հասարակութեան գլխաւորները, առաջինը քալանդար` որ է ազգապետ, եւ երկրորդը մելիք` որ է գործակալ: Սոյն միջոցին Պարսից տէրութիւնն ալ անիշխանութեան մատնուած էր: Նատիր շահ իմանալով Պարսիկ մեծամեծներուն իրեն դէմ ըլլալը, կը պատրաստուէր Աֆղաններու ձեռքով անոնք կոտորել, երբ ասոնք կանխեցին եւ զինքն սպաննեցին 1747-ին: Ասոր վրայ իրեններ ժառանգութիւնը իրարմէ յափշտակելու կը մրցէին, Ալի-Ատիլ եղբօրորդին Թավրէզի, եւ Շահռուհ թոռը Մէշէթի մէջ թագաւորեցին, եւ իրենց ազգականները սպաննել տալով, եւ զիրար տապալելով կ՚ուզէին զօրանալ: Լոռիստանի իշխան Ալի-Մէրտան ալ` Սօֆիներու ցեղէն Իսմայէլ անունով ութը տարեկան տղայ մը շահ հռչակել տալով, անոր անունով կը տիրապետէ Արեւմտեան գաւառները: Ուրիշ նահանգներու մէջ ալ կողմնակալներ մէկ մէկ փոքրիկ վեհապետներու ձեւ առած էին (ՏՊԷ. 366): Ղազար կարծելով պարագայէն օգտուիլ, Յարովէնին եւ Խաչիպապին սպառնացաւ տէրութեան մատնել, որուն վրայ ասոնք կանխեցին զինքն մատնել Ալի-Ատիլի, որ Հայկական գաւառներու վրայ կ՚իշխէր, թէ Կարին փախած Մանուչար Հայ իշխանին 4000 թուման դրամները Ղազարի մօտ աւանդ են: Ղազար թագաւորէն կանչուեցաւ, եւ աւանդը իրմէ պահանջուեցաւ, 1500 թուման ալ տուգանքի յաւելուածով: Ղազար անճար մնալով զայն վճարել, աթոռին թանկագին իրերէն մաս մը վաճառելով եւ հարկապահանջները կաշառելով, հնարեցաւ Կարին փախչիլ, մտածելով այնտեղ հայրապետանոց հաստատել, որուն չհաւանեցան Կարնեցիները: Ղազար բռնի կերպով իր նկատմամբ գոհանակութեան գիրեր ստորագրել տալով Կ. Պոլիս եւ Տաճկաստանի ուրիշ կողմեր ղրկած էր, սակայն միաբաններ ճշմարտութիւնը յայտնող գիրեր հասուցած էին, եւ Կ. Պոլսոյ ամբողջ Հայութիւնը, Նալեան պատրիարքին առաջնորդութեամբ, Էջմիածինի մէջ կարգ ու սարք հաստատելու եւ անտեղութեանց հիմնական դարման տանելու պէտքը զգացեր էին: Անշուշտ Ղազարի բռնազբօսիկ գիրերը ազդեցութիւն պիտի չկարենային գործել, քանի որ Քիւթիւր ականատես վկայ եւ անձամբ փորձառու` Կ. Պոլիս կը գտնուէր: Ղազարի Էջմիածինը թողլով Կարին փախչիլը եւ այնտեղ հաստատուիլ ուզելը, արմատական միջոցներու պէտքը զգացուցին, եւ պատրիարքարանով ու ժողովուրդով որոշում տրուեցաւ, որ Պետրոս Քիւթիւր ու Սահակ Ահագին վարդապետներ Էջմիածին դառնան, եւ միաբանութեան հետ պատշաճը մտածեն, եւ մինչեւ իսկ Ղազարը փախած նկատելով, նոր կաթողիկոս մը ընտրեն եւ նստեցնեն (ՉԱՄ. Գ. 839):

2025. ՔԻՒԹԻՒՐ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Երբոր Ղազար Էջմիածինէ խոյս տուաւ, պետական հարկահանները Մայրաթոռ եկան եւ միաբանները նեղեցին ու տանջեցին Ղազարին պարտքին համար, եւ երբոր ուրիշ կերպով արդիւնք չունեցան, եկեղեցական ինչքերը եւ զարդերը գրաւեցին (ՉԱՄ. Գ. 838), եւ վեց ձիաբեռ ապրանք թագաւորին տարին: Սակայն միաբաններ աղաչաւորներ եւ հիրեր հասուցին, թէ պարտքը վանքին եւ աթոռին չէ, այլ Ղազարին անձնապէս ստացած աւանդի մը երեսէն: Թագաւորը իրաւունք տուաւ միաբաններուն, հարկահանն ալ պատժեց, ըսելով թէ զդրամս Ղազարու պահանջեմ եւ ոչ զանօթս վանացն, ու ապրանքները ետ դարձուց, եւ Ղազարին մասին կարգադրութիւնը միաբանութեան թողուց (ՇԱՀ. Ա. 228): Երբոր հարկահանները ապրանքներով մեկնեցան, Ղազար այդ լուրին վրայ պարտքը վճարուած սեպելով, Էջմիածին դարձած էր, որ ատեն Կ. Պոլիսէ ղրկուած վարդապետներն ալ հասան: Որպէսզի իր տապալման առջեւն առնէ, անոնց վրայ ամբաստանագիրներ մատոյց, թէ Կ. Պոլիսէ եկած լրտեսք են, եւ թէ ինքն Պարսից պետութեան հաւատարիմ է: Սակայն Ղազարի անձը կասկածաւոր եղած եւ անունը կոտրած էր Պարսից կառավարութեան առջեւ, եւ ամբաստանութեան ականջ չկախուեցաւ, այլ Թավրէզէ հրահանգ տրուեցաւ Երեւանի կուսակալութեան, որ միաբանութիւնը հարցաքննէ, եւ զոր ընտրեսցեն նոքա, նա լիցի նոցա կաթողիկոս (ՉԱՄ. Գ. 838): Կուսակալը Երեւանի մէջ ատեան կազմեց, Ղազար ալ հոն կոչուեցաւ, միաբանութեան գլխաւորներն ալ ներկայացան: Քիւթիւր եւ Ահագին Տաճկաստանցոց կողմէ խօսեցան, եւ Ղազար պարտաւորուեցաւ, եւ պետական հրամանով պաշտօնանկ հռչակուեցաւ, եւ Սեւան կղզին աքսորուեցաւ, ուր ինքն Քիւթիւրը բանտարկած էր 2023), եւ միաբանութեան հրաման տրուեցաւ Էջմիածին դառնալ եւ ընտրութիւն կատարել (ՉԱՄ. Գ. 840): Պահ մը ուզուեցաւ Սահակ Ահագինը, Կոլոտի աշակերտութենէն, կաթողիկոսութեան բարձրացնել, իբրեւ Էջմիածինի խռովութիւններէն անմասն մէկ մը, բայց նա յանձնառու չեղաւ, եւ Քիւրթիւրը յառաջ կոչեցին, անոր ալ դժկամակութեան յաղթելու համար խոստացան պաշտպան լինել նմա յամենայն ի վտանգս, եւ այսպէս Պետրոս Այնթապցի, մականուանեալ Քիւթիւր, կաթողիկոս օծուեցաւ մայրտաճարին մէջ 1748-ին ամսաթիւը անորոշ: Միաբանութիւնը իր գործին արդարացումը ապացուցանելու համար, ընդարձակ գրութիւն մը պատրաստեց, որուն մէջ բացատրեց զամենայն յանցանս Ղազարու, եւ զայն ի բազում պատճէնս ցրուեց ամէն գլխաւոր վիճակներ: Այդ գիրին ստորագրած էին 21 եպիսկոպոսներ եւ 19 վարդապետներ, եւ 1748 մայիս 20 թուական կը կրէր: Նկատելով որ այդ գիրը ամէն գործ վերջացնելէն ետքը գրուեցաւ, Կարնոյ եւ Զմիւռնիոյ մէջ Ղազարու համակիրներուն ալ միտքը հանդարտեցնելու համար, եւ օծումը անկէ առաջ տեղի ունեցած էր (ՉԱՄ. Գ. 841), իդէպ է զատիկին մօտիկ կիրակիներէն մէկուն դնել օծման ամսաթիւը: Զատիկը այն տարին ապրիլ 10-ին հանդիպած էր:

2026. ԿԱՆՈՆԱԿԱՆ ԴԻՏՈՂՈՒԹԻՒՆ

Եղելութեան պատմական մասը ներկայելէն ետքը պէտք է նկատողութեան առնել թէ ինչ տեսութիւն պէտք է ունենալ Ղազարու գահընկէցութեան, եւ Պետրոսի կաթողիկոսութեանը վրայ: Հնար էfl արդեօք Ղազարը պաշտօնապէս եւ օրինաւորապէս դադարած ըսել, թէ ոչ Պետրոսը հակաթոռ մը նկատել: Գործին օրինաւորութեան մասին չի բաւեր որ Ղազար իրօք անարժան եւ յանցապարտ մէկը ըլլայ, այլ պէտք է որ անոր պաշտօնանկութիւնն ալ օրինաւոր ձեւակերպութեամբ վճռուած ըլլայ: Իրաւ է որ միաբանութիւնը իր 40 անդամակիցներու միաձայնութեամբ անոր դատապարտութիւնը ստորագրեց, եւ Տաճկահայեր իրենց կողմէ լիազօր իշխանութեամբ պատգամաւորներ ղրկեցին, եւ Պարսկահայեր ալ ձայնակից եւ կամակից գտնուեցան տրուած որոշումին, սակայն այդ պարագաներ բաւական չեն նկատուիր եկեղեցական ժողովի մը գումարումը կայացնելու, որ միայն ձեռնհասն է կաթողիկոսի գահընկէցութեան վճիռը արձակելու: Ամէն պարագայի մէջ իրական կը մնայ, թէ Ղազարի վտարումը Երեւանի կուսակալին ատեանը վճռուեցաւ, ուր եկեղեցականներ աւելի վկայի` քան դատաւորի դերը կը վարէին: Ըստ այսմ պէտք կ՚ըլլար ըսել թէ Ղազար եկեղեցական քննութեամբ եւ վճռով պաշտօնանկ եղած չէ: Միւս կողմէն Պետրոս իւրովի եւ կամ քանի մի կամակիցներու ձեռքով աթոռը յափշտակող կամ գրաւելու յաւակնող մը չէ. աթոռը դատարակ նկատուած ատեն միաբանութեան ընտրութեամբ յառաջ կոչուած է, ինչպէս եղած էին ուրիշ օրինաւոր կաթողիկոսներն ալ, եւ ամէնուն հաւանութեամբ պաշտօնը ստանձնած է, եւ հեռաւորներն ալ անհակառակ ընդունած եւ օրինաւոր ճանչցած են, եւ Յակոբ Նալեան պատրիարքն ալ ըստ այնմ պաշտօնապէս հռչակած է, եկեղեցւոյ բեմէն յայտարարելով եւ բացատրելով զամենայն վնասս Ղազարու, պատշաճաւոր վկայութեամբ եւ բանիւք արժանահաւատ անձանց (ՉԱՄ. Գ. 840): Բայց եթէ Քիւթիւրը հայրապետական աթոռին տէրը ճանչնանք, պէտք կ՚ըլլայ վերջէն Ղազարը հակաթոռ ըսել, երբոր արքունի պաշտպանութեամբ եւ դրամի զօրութեամբ կրկին աթոռը ձեռք անցուց: Խնդիրին մէջէն ելլալու համար, եւ միանգամայն գործին դժպհի ձեւ մը չտալու համար, մենք կը հաւանինք ըսել թէ Ղազար չկորսնցուց իր կաթողիկոսական իրաւունքը, երբոր Պարսիկ կուսակալին վճիռով, իսկ ազգին եւ եկեղեցականութեան լոկ վկայութեամբ` պաշտօնանկ հռչակուեցաւ, եւ թէ միայն պատահական պարագաներով պաշտօնը վարելէ արգելուեցաւ: Իսկ Պետրոս որ կանոնական ձեւակերպութեանց հետեւողութեամբ ընտրուեցաւ, հակաթոռի կերպարանը չունեցաւ, այլ օրինաւոր ձեւով պաշտօնը վարելու կոչուեցաւ: Այդ կերպով կաթողիկոսական պաշտօն վարողները մենք աթոռակից անուանեցինք, քանի անգամ որ պարզ բռնութեամբ աթոռին տիրացած չէին, եւ նոյն ձեւով կը նկատենք Պետրոս Բ. Այնթապցի, Քիւթիւր մականուանեալ կաթողիկոսը: Բայց ինչպէս ուրիշ աթոռակիցները, այն ալ կաթողիկոսներու շարայարութեան չենք անցըներ, թէպէտ սովորական ցուցակներ անցուցած ըլլան (ԺԱՄ. 640), Երեւանեցին եւ Շահխաթունեան ալ Պետրոսի անունը շարքէն դուրս թողած են (ՇԱՀ. Ա. 228):

2027. ԱՆՁԵՐՈՒ ԲԱՂԴԱՏՈՒԹԻՒՆ

Խնդիրը նկատեցինք պարզապէս կանոնական ձեւակերպութեան տեսակէտէն, ապա թէ ոչ անհատական արժանաւորութեան տեսակէտէն, երկուքն ալ հաւասարապէս անձնահաճ եւ շահադէտ անձեր կը ներկայանան, վրէժխնդիր եւ անիրաւ, որոնք ոչ մի կերպով յանձնարարելի չէին կրնար ըլլալ: Արդիւնաւորութեան տեսակէտէն, Ղազար, որչափ ալ բռնաւոր եւ քինախնդիր, իր մրցակցին վրայ ուսումնական առաւելութիւնն ունի, գլխաւորապէս իր երկասիրած Դրախտ Ցանկալի գիրքով, ամբողջապէս հայադաւանութեան պաշտպանութեան նուիրուած, իրեն տրամադրելի եւ ժամանակին ծանօթ հմտութեանց փաստերով: Հրատարակած է նաեւ Երգարան մը, եւ Աստուածաղերս աղօթագիր մը: Իսկ շինարարութեանն ալ ընտիր նմոյշներ են Մայրաթոռոյ վեհարանը եւ Ղազարապատը, որ մինչեւ մեր օրերը կաթողիկոսարանի պէտքը լրացուցին, թէպէտ երկրորդը քանդուեցաւ արդէն, եւ առաջինն ալ նոյն բախտը պիտի ունենայ, երբ նորաշէնը աւարտի: Պետրոս ընդհակառակն իր ետեւէն բան մը թողած չէ, եւ պէտք չէ միտքէ հանել այն տգեղ դերը զոր խաղաց Կոլոտի դէմ 1986): Ուրիշ պարագաներու մէջ ալ բարձր եւ վեհ զգացումներու նշան մը չէ տուած, եւ բոլոր ըրածն ու Ղազարի դէմ վարած դերը անհատական թշնամութեան կամ անձնական շահադիտութեան նկարագիրը կը կրեն 1991): Պետրոս տեղ մը իբր Կարնոյ առաջնորդ կը յիշուի (ՇԱՀ. Ա. 228), սակայն ժամանակագրական հաշուով չենք գտներ ատեն մը, որ այդ պաշտօնը վարած ըլլայ:

2028. ՔԻՒԹԻՒՐ ՏԱՊԱԼՈՒԱԾ

Պետրոս կաթողիկոսական աթոռը գրաւելով, որեւէ արդիւնաւորութիւն ցոյց տուած չէ, եւ Երեւանեցին ու Շահխաթունեան բառ մըն ալ չունին անոր գործունէութեան վրայ: Միաբաններն ալ շահիլ գիտցած պիտի չ՚ըլլայ, որ անոր պաշտպանութեան համար շարժում մը չ՚ըրին, եւ Ղազարի վերադարձին համակերպեցան, գուցէ եւ նպաստեցին իսկ: Այդ միջոցին Իպրահիմ Թավրէզի նոր կուսակալը, Նատիրի եղբօրորդին, եւ ոչ Նատիրի եղբայր Իպրահիմը 1978), իր եղբօր Ալի-Ատիլին դէմ ելաւ, զայն ձերբակալեց ու կուրացուց, եւ անոր տեղը անցաւ (ՏՊԷ. 365): Թագաւորի փոփոխութեամբ` հրամաններուն ալ փոփոխութիւնը դիւրացաւ, եւ Ղազարի եղբայր Յովսէփ քահանան 1993) փութաց անոր մօտ երթալ, եւ պատշաճ ընծաներով ու միջնորդութիւններով յաջողեցաւ Ղազարի ազատութեան եւ կաթողիկոսութեան վերադառնալուն հրովարտակը ստանալ: Ղազար հրովարտակին զօրութեամբ Սեւանի բանտարկութենէն ազատեցաւ, եւ յանկարծ Էջմիածին հասնելով Պետրոսը ձերբակալեց, առանց անոր փախուստի միջոց թողլու: Այս երկրորդ անգամ աւելի սաստկացած էր Ղազարի քինախնդիր դրութիւնը Պետրոսի դէմ, զայն շղթայի զարնել տուաւ, եւ ղրկեց ոչ եւս Սեւան, կասկածելով անապատին միաբաններուն բարեկամութենէն 2023), այլ աքսորեց Ջահուկ` իր բնիկ գաւառը, անշուշտ իրեն եղբայրներուն ու մերձաւորներուն պահպանութեան վստահանալով, եւ հոն խիստ բանտարկութեան ենթարկեց: Պետրոսի կաթողիկոսութիւն վարելու տեւողութիւնը ամիսս տասն ըսուած է հաւասարապէս ամէնէն (ՋԱՄ. 31), եւ 1748 ապրիլէն հաշուելով, տապալումն ու բանտարկութիւնը կը հանդիպին 1749 փետրուարին: Պատմիչներ չեն նշանակած թէ ինչչափ ատեն մնաց Քիւթիւր Ջահուկի արգելանին մէջ, միայն յայտնի է թէ այլեւս չ՚ազատեցաւ եւ բանտին մէջ մեռաւ: Ամէն պարագայի մէջ Ղազարէ առաջ մեռած կ՚ըլլայ 1750-ին, թէ ոչ ազատութիւն ձեռք ձգած կ՚ըլլար: Մահուան կերպին վրայ ոմանք կը գրեն թէ Ղազարի եղբօր Յովսէփի երէցկինը` Խանում խաթուն զայն կը խնամէր, եւ երէցկինին մեռնելուն վրայ անխնամ մնացեալ վտանգեցաւ ի սովէ եւ մեռաւ (ՉԱՄ. Գ. 841): Բայց աւելի հաւանական է Յովսէփ Ջուղայեցի քահանային պատմածը, թէ Քիւթիւր վանքի մը մէջ փակուած էր, եւ վանքը կողոպտելու եկող աւազակներէն խոցեալ եղեւ եւ վախճանեցաւ (ՇԱՀ. Ա. 229):

2029. ՊՐՈԽՈՐՈՆԻ ՇՓՈԹԸ

Պետրոսի տապալուելուն 1749 տարին, Կ. Պոլսոյ մէջ ալ իր արձագանքն ունեցաւ: Պատրիարքութեան աթոռին շուրջը դադարած էին մրցակիցներու պայքարները, եւ Կոլոտի 25 տարի անընդհատ պաշտօնավարութենէն յետոյ 8 տարի էր, որ Նալեան ալ պատրիարքութիւնը կը վարէր, երբ յանկարծ պարզ երկինքի վրայ գոռացող որոտումի պէս պատրիարքական աթոռը յափշտակող մը երեւցաւ: Խնդիր եւ վէճ չկար հրապարակի վրայ, պատրիարքի դէմ դժգոհութիւններ բարձրացած չէին, միայն Յակոբ պատրիարքէն վասն եղեռնագործութեանց իւրեանց յանդիմանեցեալ քանի մը ազդեցիկ չար իշխանք կային, որոնք ուզեցին պատրիարքէն վրէժ լուծել: Իրենց կամակից գտան Երուսաղէմի միաբան, եւ քիչ առաջ անկէ եկած, Պրոխորոն վարդապետ մը Սիլիստրեցի, կամ ըստ այլոց Ռուսճուքցի, թագնաբար եւ կապալաւ անոր անունին հրովարտակ հանեցին, եւ 1749 մարտ 26, զատկի օրը (ՍՐԳ. ), բազմութեամբ արքունի սպասաւորաց Մայր եկեղեցին բերին, երբ տակաւին եկեղեցին լեցուն էր, եւ Նալեան պատրիարք ալ այնտեղ: Ժողովուրդը եւ մեծամեծներու մեծամասնութիւնը, անցուդարձէն անգիտակ, զայրացմամբ դիմադրեցին եւ Պրոխորոնը ներս առնել չուզեցին, սակայն արքունի բարապաններ եւ զինուորականներ բռնութեամբ ներս տարին, իսկ Նալեան խոհեմութիւն սեպեց խոյս տալ, եւ ապաւինիլ Սահաթճի Եուսուֆ ծանօթի մը տունը (ՉԱՄ. Գ. 862), որ նախահայրն է այժմեան Եուսուֆեանց բազմաճիւղ գերդաստանին: Միւս օր մարտ 27, զատկի մեռելոցին առտուն, ժամերգութեան միջոցին Պրոխորոն եկեղեցի կ՚իջնէ, եւ երբ ասացին զԿեցո տէրըն, ժողովուրդին կը դառնայ խօսելու եւ ծանուցում ընելու միտքով: Բայց դեռ բերանը չբացած, ժողովուրդէն մէկ մը, որուն համար վկայեցին գոլ Պօղաչաճի մը, պոռաց, չենք ուզեր. զՅակոբ պատրիարքն կ՚ուզենք, եւ ժողովուրդը բոլոր մէկ բերան, նոյն աղաղակը կը կրկնէ, եւ Պրոխորոնին վրան կը խուժէ: Յանկարծ բացեալ եղեւ դուռնն պահարանին, եւ ելին անտի եէնիչէրիք եւ չուխատարք բաւական թուով, որոնցմէ ոմանք Պրոխորոնը ի պատրիարքարանն տարին, եւ ուրիշներ բիրերով եւ մահակներով ժողովուրդին վրայ յարձակեցան, եւ անխնայ կերպով հարուածեցին, մինչեւ իսկ ոմանց գլուխքն պատառեալ էր, եւ ոմանց թեւքն խախտեալ, եւ խուճապին մէջ սկսան թօթափել ի վերայ միմեանց, այնպիսի ողորմելի վիճակ մը, որ ականատեսը կը գոչէ, թէ բազմագութն Տէր այլ մի' եւս ցոյց տացէ (ՍՐԳ. ): Այդ խառնաշփոթութեան վրայ գործը կառավարութեան եւ մինչեւ իսկ սուլտան Մահմուտին ելաւ, ազգին կամքին հակառակ ոմանց բանսարկութեան արդիւնք ըլլալն իմացուեցաւ, պատճառ եղողներ պատժուեցան (ՉԱՄ. Գ. 863), եւ Պրոխորոնն ալ ապրիլ 2-ին, Նոր կիրակի օր, իջուցին ի Կէօմրիւկի առջեւէն ի նաւ իմն, եւ Սամսոն ղրկեցին բերդարգել բանտարկութեան (ՍՐԳ. ): Երբոր նոր պատրիարք ընտրելու հրամանը եկաւ, Նալեան այլեւս յանձնառու չեղաւ, եւ միաձայն հաւանութեամբ պատրիարք ընտրուեցաւ, Մինաս վարդապետ Ակնեցի, Գլակայ Ս. Կարապետի առաջնորդ, որ այդ օրեր Կարին կը գտնուէր, եւ մինչեւ որ Կ. Պոլիս հասնի, տեղակալ նշանակուեցաւ Յարութիւն վարդապետ Պալաթցի, Կոլոտի աշակերտներէն (ՉԱՄ. Գ. 863), որ պէտք է ըլլայ աշակերտաց ցուցակին սկիզբը Հեզահոգի մականուամբ նշանակուածը (ԿՈԼ. 70), զոր եւ խիլայեցին ի փաշայի դուռնն, ի նոյնում շաբաթի օրն (ՍՐԳ. ), այսինքն 1749 ապրիլ 8-ին: Իսկ Նալեան Կ. Պոլիս չմնաց, եւ Պրուսայի առաջնորդութիւնը ստանձնելով, փութաց երթալ իր պաշտօնատեղին: Որոշակի չունինք թէ որ օր Մինաս եկաւ եւ աթոռը նստաւ, բայց մերձաւոր հաշուով հազիւ մայիսի վերջերը Կ. Պոլիս հասած կ՚ըլլայ:

2030. ՄԽԻԹԱՐԻ ՄԱՀԸ

Միեւնոյն օրերը կը հանդիպի Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիր Մխիթար աբբահօր մահը Վենետիկի մէջ, 1749 ապրիլ 27-ին, կամ հին տոմարով 16-ին, կիրակի օր: Մխիթար երկար տարիներէ ի վեր դալուկով կը տառապէր, որ է դեղնացաւ (ՄԽԻ. 409) 1739-ին տագնապ մը անցուցած էր, որ կրկնուեցաւ 1746-ին, եւ անկէ ետքը միշտ մերթ հիւանդ եւ մերթ առողջ ապրեցաւ, իսկ 1749-ին Մեծպահքին մէջ հիւանդութիւնը ու տկարութիւնը սաստկացան, եւ ինքն ալ զգաց իր կենսական ոյժերուն սպառիլը: Ապրիլ 4-ին, հին տոմարով մարտ 24-ին, աւագ ուրբաթ երկու տոմարներուն ալ, ցաւերը կը սաստկանան, զատկին երկրորդ օրը թոշակ կ՚ընդունի, եւ ցաւերով կ՚անցընէ այլեւս երեք շաբաթներ, մինչեւ որ հոգին կ՚աւանդէ Յինանց չորրորդ կիրակէին առտուն, 1740 ապրիլ 16/27-ին, 74 տարեկան, եւ միւս օր յուղարկաւորութիւնը կատարուելով կը թաղուի Ս. Ղազարի եկեղեցւոյն դասին մէջտեղը (ՄԽԻ. 415): Միւս տարին վերստին կը փոխադրուի բեմին վրայ, յատուկ տապանագիրով մը, որ իմաստից բարձրութենէն աւելի` խրթին բառերու կուտակումով կազմուած է (ՄԽԻ. 417): Մխիթարի անձին վրայ գնահատումներ, այնչափ եւ այնպիսի ընդարձակութեամբ, եւ մինչեւ իսկ չափազանցութեամբ գրուած են իրեններէն, որ նոր տեսութիւն մը ընելու տեղ չէ մնացած: Մենք իբրեւ պարզ պատմաբան, եւ ոչ իբրեւ ոգեւորեալ ներբողաբան, եղելութիւնները յառաջ բերինք իրենց իսկութեան մէջ, որպէսզի ընթերցողը կարենայ իր դատողութիւնն ընել խոհական չափաւորութեամբ: Մխիթարի գործերը երկու ճիւղի կրնանք բաժնել, հռոմէադաւանութեան տուած օգնութիւնը, եւ հայ գրականութեան տուած մղումը: Անտարակոյս է որ հռոմէադաւանութիւնը շատ բան կը պարտի Մխիթարին, որ իր անձնական աշխատութեամբ, եւ հիմնած միաբանութեամբ, եւ կատարած հրատարակութեամբ, ոչ միայն հռոմէադաւանութեան տարածուելուն եւ կազմակերպուելուն նպաստեց, այլ եւ նոյնիսկ հայադաւանութեան մէջ շատ մը հռովմէական միտքեր ներմուծելու առիթ տուաւ իր հրատարակած գիրքերով, զորս Մայրաթոռոյ կաթողիկոսին անունին մակագրութեամբ` յանզգաստս ընդունելի կ՚ընէր Հայերուն, իբրեւ անխառն Հայ ուղղափառութիւն: Բայց մենք նորէն պիտի կրկնենք, թէ Մխիթար մոլեռանդ հռոմէադաւանէ աւելի, նախանձայոյզ հաշտարարի զգացումը ունեցող մըն էր: Արեւմտեան կամ Եւրոպական կամ աւելի ճիշդ` Լատինական ուսմանց եւ զարգացմանց փայլէն շլացած, եւ անզուսպ ձգտումով անոնց հետեւելու ձեռնարկած, պատրաստ էր հայադաւանութենէ եւ նոյնիսկ Հայ ինքնութենէ բան մը զոհել, որպէսզի Լատինական ուսումէ բան մը առնելով Հայութեան կարենայ բերել: Մեր այս տեսութեան ակներեւ փաստն է, այն ըմբռնումը, որով Լատիններու եւ մոլի լատինամիտներու մօտ Մխիթար անկեղծ եւ կատարեալ հռոմէադաւան չկարծուեցաւ, եւ այդ ըմբռնումը իր միաբանութեան վրայ ալ տեւողապէս պահուեցաւ: Իսկ Հայ գրականութեան համար ունեցած երախտիքը, աւելի պայծառ է: Հայութիւնը փայլեցնելու համար, դաւանականը զոհած ատեն գրականին դարձուց իր ոյժը, երբ պարագաներն ալ զինքը Արեւմուտքի կողմը նետեցին, երբ անձնական հալածանքի միտքէն շուարած` Զմիւռնիոյ նաւահանգիստին մէջ առաջին գտած նաւը կը նետուէր: Արեւմուտք իրեն առջեւ դիւրութեան արահետ մը բացաւ, որուն վրայ սկսաւ քալել: Սակայն ինքն անձամբ չեղաւ հին գրականութեան երախտաւորը եւ նախնեաց մատենագրական գանձերը մէջտեղ հանողը: Իր հայկաբանութիւնը` ժամանակակից եւ Արեւելքի մէջ մնացող ու այնտեղ գիրքեր գրող ու հրատարակողներէն բարձր չէ: Իր մեծ արժանիքը եղաւ նպաստաւոր պարագաներու ներքեւ հիմնարկութիւն մը ընել, զոր իրմէ ետքը եկողներ յաջողապէս արդիւնաւորեցին:

2031. ՄԽԻԹԱՐԻ ՅԱՋՈՐԴԸ

Տարի մը կը յապաղի Մխիթարի յաջորդին կամ Մխիթարեան միաբանութեան աբբահօր ընտրութիւնը, ինչ որ կը ցուցնէ, թէ գաղափարներու եւ տեսութիւններու անհամաձայնութիւններ տեղի ունեցած են: Վերջիվերջոյ ընտրութիւնը կը կեդրոնանայ, ոչ թէ Մխիթարի հին գործակիցներէն եւ արդիւնաւոր աշխատակիցներէն մէկուն վրայ, այլ վերջիններէն եւ միայն 1739 ապրիլին քահանայացած միաբանի մը վրայ, ինչպէս էր հայր Ստեփանոս Մելքոնեան, բնիկ Կ. Պոլսեցի, տակաւին 33 տարեկան (ՅՈԲ. 217): Մելքոնեան ընտրուեցաւ 1750 ապրիլ 6-ին, եւ պաշտօնի մտնելուն հետ մուտ գործեցին Ս. Ղազարի վանքը` հինի եւ նորի վէճերը, այսինքն է հին ուղղութեան պաշտպաններուն` եւ նոր ուղղութեան մը հետեւողներուն պայքարները: Մելքոնեան, ինչպէս տարիքն ալ ու իր ընտրութիւնն ալ կը ցուցնէին, անմիջապէս ձեռնամուխ կ՚ըլլայ Մխիթարի կարգերը փոփոխել, եւ նորաձեւութիւններով նոր կանոնադրութիւն մը կազմելու կը ձեռնարկէ, եւ դժգոհութիւնները այնչափ կը զօրանան, որ գործը մինչեւ միաբանութեան պառակտելուն, եւ մի մասին բաժնուելով նոր ճիւղ մը կազմելուն պատճառ կ՚ըլլայ (ՅՇՐ. 4), որուն վրայ իր կարգին:

2032. ԱՐԾԻՒԵԱՆԻ ՄԱՀԸ

Միեւնոյն 1749 տարւոյն մէջ մեռաւ հայ-կաթոլիկ պատրիարքութեան կամ կաթողիկոսութեան հիմնադիր Աբրահամ Արծիւեանն ալ: Վերջին անգամ Լիբանան դառնալէն ետքը 1745-ին 2016), կ՚աշխատէր այդ առանձնութեան մէջ իրեն յատուկ հայրապետանոց կազմել, զի անհնար էր Անտոնեանց վանքին մէջ մինչեւ վերջ հիւրընկալուիլ միաբաններուն վրայ ծանրանալ, թէպէտեւ առանց անոնց` բան մըն ալ գործելու եղանակ չունէր, վասնզի անոնցմէ դուրս ալ պաշտօնեայ չունէր: Իր իրաւասութեան սահմանները ընդարձակելու փափաքն ալ Աբրահամի զօրաւոր ձգտումներէն մէկն էր, սակայն մէկ կողմէն պապական կոնդակին բացատրութիւնը, միւս կողմէն Լատին եպիսկոպոսին արգելքը 2016), եւ նոյնիսկ Կ. Պոլիս երթալու համարձակութիւն չունենալը, զինքն հիմնապէս կասեցուցին, եւ այլեւս այդ խնդիրը չյուզուեցաւ, եւ վերիվերոյ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան սահմանները, նորաստեղծ հռոմէադաւան կաթողիկոսութեան սահման ճանչցուեցան: Այդ տեսութեամբ, Մելքոն Թուխմանեան Մամպտոյ հռոմէական եպիսկոպոսը, թէպէտ Աբրահամէ առած էր իր ձեռնադրութիւնը եւ անոր ընտրութեան մասնակցած 2009), բայց Աբրահամի հպատակութիւնը չուզեց ընդունիլ, հարկաւ հիմնուելով այն պարագային, որ Տիարպէքիր Մամպուտով մէկտեղ Էջմիածինի` եւ ոչ Սսոյ աթոռին ենթարկեալ վիճակ էր, բայց Հռոմ Աբրահամի իրաւունք տուաւ (ԱՂՔ. Ա. 18): Երբոր Աբրահամ ծերութեան եւ հիւանդութեան պատճառով հետզհետէ կը տկարանար, յաջորդութեան խնդիրը Յակոբ եւ Իսահակ եպիսկոպոսներուն հոգածութեան նիւթ եղաւ, եւ ասոնց առաջարկութեամբ երեք Անտոնեան միաբաններ եւս, Պետրոս Ներսէսեան` նախորդ աբբայն, Յովսէփ Այվազեան` ներկայ աբբայն, եւ Պօղոս Սամանճեան վաստակաւոր վարդապետը, եպիսկոպոս ձեռնադրուեցան Քրէյմի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյն մէջ, 1749 յունիս 22-ին (ԱՆՏ. ), Այնթապի եւ Եդեսիոյ եւ Դամասկոսի թեմերուն անուններով (ԱՂՔ. Ա. 18): Միեւնոյն ատեն բանակցութիւններ կը կատարուէին, Անտոնեանց վանքէն դուրս հայրապետանոցի համար տեղ մը ստանալու, եւ երբ գործը լուծման յանգելու մօտ էր, Աբրահամ Պետրոս Արծիւեան հռոմէականաց կաթողիկոսը վախճանեցաւ 70 տարեկան, Քրէյմի վանքին մէջ, 1749 հոկտեմբեր 1-ին, Վարագայ խաչի կիրակին, եւ միւս օր թաղուեցաւ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյն մէջ: Քիչ օր ետքը հոկտեմբեր 13-ին կնքուեցաւ հայրապետանոց ըլլալու սահմանուած տեղւոյն, Պղոմմառի կամ Զմմառի բլուրին նուիրապետութեան մուրհակը, եպիսկոպոսներուն եւ հողատէր Խազնեան իշխաններուն միջեւ (ԱՂՔ. Ա. 19): Յաջորդին ընտրութեան համար հոկտեմբեր 14-ին գումարուեցան հինգ եպիսկոպոս եղող Անտոնեան միաբանները, եւ ուրիշ վանքին մէջ գտնուողները, եւ կաթողիկոս հռչակեցին Յակոբ Յովսէփեան Բերիոյ եպիսկոպոսը, Անտոնեանց հիմնադիր Մուրատեան եղբարց վերջին մնացորդը, եւ եկեղեցական աշխատութեանց մէջ Արծիւեանի աջակիցը, որ կոչուեցաւ Յակոբ Պետրոս Բ. (ԱՂՔ. Ա. 20): Դեկտեմբեր 22-ին կաթողիկոսօրհնէքի հանդէսը կատարուեցաւ, եւ ըստ այսմ Բենեդիկտոս ԺԴ. պապին ալ հաղորդուեցաւ, որ 1750 սեպտեմբեր 23-ին կարդինալական ժողովին մէջ նորընտիրին պաշտօնը հաստատեց: Յովսէփ Այվազեան աբբահօր եպիսկոպոս ձեռնադրուելովը, Անտոնեանք ալ նոր ընտրութիւն կատարած էին Արծիւեանի մահէն առաջ, եւ հայր Գրիգոր Ներսէսեանը աբբահայր հռչակուած էր (ԱՆՏ. ): Յիշուած ըլլալով թէ հայր Գրիգոր եւ հայր Պօղոս Հռոմի մէջ վանք մը հաստատելու պաշտօնով Կ. Պոլիս ուղեւորած էին 1746-ին 2016), աւելցնենք թէ պէտք եղած դիւրութիւնները չկրնալով ձեռք ձգել, 1748 յունիս 26-ին իրենց գրուած հրահանգին համեմատ, անմիջապէս Լիբանան դարձած էին (ԱՆՏ. ):

2033. ՇՂԹԱՅԱԿԻՐԻ ՄԱՀԸ

Երուսաղէմ ալ ունեցաւ միեւնոյն 1749 տարւոյ մէջ, զինքն ցնցող պատահարը, զի նոյն տարին հոգին յանձնեց իր բազմաժամանակեայ եւ բազմերախտ հայրապետը, որ 32 տարիէ ի վեր անոր պետն ու հայրն էր եղած, Սաղիմական աթոռը իր կործանմանէն վերականգնած, եւ անոր փայլն ու պայծառութիւնը, ստացութիւնները եւ արտօնութիւնները պաշտպանած եւ ընդարձակած: Դժբախտաբար մահուան ամսաթիւը տեղ մը նշանակուած չենք գտներ, բայց յիշատակը անմոռաց է Երուսաղէմի մէջ, ինչպէս եւ վայել էր ընել, եւ հանապազօրեայ պատարագին մէջ երբ յիշատակութիւն կ՚ըլլայ հանգուցեալ րաբունապետացն մերոց (ԺԱՄ. 593), յանուանէ կը յիշուին Երուսաղէմը փրկանաւորող եւ փառաւորող Պարոնտէր եւ Շղթայակիր զոյգ Գրիգորները: Յաջորդութեան մասին Շղթայակիրի կամքն էր եղած իրմէ ետքը աթոռը յանձնել Թէոդորոս Խորենացի եպիսկոպոսին 1997), զոր փոխանորդ ալ ըրած էր կանուխէն, եւ Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան ալ ծանուցած, եւ Նալեան պատրիարք ալ հաստատած էր մակագրելով, թէ ինձ Յակոբ պատրիարքիս ընդունելի է (ԱՍՏ. Բ. 77): Այսպէս համոզուած էր ամբողջ միաբանութիւնն ալ, եւ ըստ այսմ հաստատութեան կը սպասէր: Բայց խնդիրը հիմնովին այլափոխուեցաւ Կ. Պոլսոյ պատրիարքարանին մէջ: Մինաս պատրիարք եւ մեծամեծներ Շղթայակիրին յաջորդելու արժանաւոր, կարող եւ զօրաւոր անձի մը անհրաժեշտութիւնը տեսնելով, մտածեցին այդ պաշտօնին կոչել Յակոբ Նալեան պատրիարքը, որ քիչ առաջ Կ. Պոլիսը թողած եւ Պրուսա էր գացած 2029): Թէոդորոս ըստ բաւականին ծանօթ չէր, ուստի համաձայնեցան Նալեանը Երուսաղէմի պատրիարք ընտրել, իրեն հաւանութիւնն ալ առին, եւ ըստ այնմ հրովարտակը հանել տուին, եւ Երուսաղէմ ուղեւորեցին ամենայն փառաւորութեամբ, եւ միաբաններն ալ ընդունեցան ամենայն յօժարութեամբ, զի բախտ մըն էր իրենց` Նալեանի կարողութեամբ անձ մը իրենց գլուխ ունենալ: Նալեանի Պրուսայի առաջնորդութիւն վարելը, հազիւ թէ քանի մը ամիս տեւողութիւն ունեցած կրնայ ըլլալ: Այստեղ պէտք է դիտել տանք թէ Նալեան Երուսաղէմի միաբան չէր, այլ իբր Կոլոտի աշակերտ Ամրտոլու կամ Գլակայ միաբան կրնար սեպուիլ, եւ ոչ երբեք Երուսաղէմի, թէեւ զամենայն զելս եւ զմուտս սրբոյն Երուսաղեմայ իմացեալ, եւ յամենայն գործս սրբոյ Երուսաղէմի վարժեալ էր: Արդ եթէ ի Սուրբ Երուսաղէմ սնեալ չեղող, եւ եկամուտ սեպուող անձը (ՀՆՆ. 157), պարզապէս իբր միաբան չեղող պիտի իմանայինք, պէտք էր ըսել, որ Կարապետ, կաթողիկոսէ արտասանուած նզովքին զօրութեամբ, Մինաս պատրիարք եւ Կ. Պոլսոյ մեծամեծներ, եւ Երուսաղէմի միաբանութիւնը` նզովքի ներքեւ ինկած պիտի ըսուէին, եւ գլխաւորապէս ինքն Նալեան ալ, որ Երուսաղէմի կանոններուն կազմուելուն եւ հռչակուելուն գործակից էր: Այս պարագան ալ մեզի իբր փաստ կը ծառայէ, թէ Հաննայի կոչուած նզովքները չեն արգելեր միաբան չեղողի մը Երուսաղէմի պատրիարք ընտրուիլը, բաւական է որ արժանաւորութեան պայմաններուն համապատասխանէ ( § 1950), իբր զի ամէնէն առաջ Նալեան լաւ տեղեակ պէտք էր ըլլար կանոններուն հարազատ իմաստին:

2034. ՋԱՀԿԵՑԻԻ ՄԱՀԸ

Զանազան կողմեր կատարուած իրողութիւնները քաղելէ ետքը, նորէն դառնանք Մայրաթոռ, ուր 1747 փետրուարին վերահաստատուած տեսանք Ղազար Ջահկեցին ( § 2028): Ղազար վերջնական յաղթութիւնը տանելէն ետքը, իր բոլոր քինախնդրութիւնը Քիւթիւրի վրայ ամփոփելով, ուրիշները հանդարտ թողած կ՚երեւի, զի նոր հալածանքներ եւ հարստահարութիւններ չեն յիշուիր այլեւս: Իբր գործունէութեան արդիւնք ունինք Ղազարապատը, որ այդ վերջին միջոցին մէջ շինուած եւ լրացած է 1750-ին (ՇԱՀ. Ա. 91), մինչ Վեհարանը այն ատեն Պատրիարքարան կոչուած, 1741-ին, իր կաթողիկոսութեան առաջին մասին մէջ լրացած էր (ՇԱՀ. Ա. 92): Կիրքն ալ, զայրոյթն ալ, որչափ սաստիկ եւ բուռն ըլլան, հետզհետէ կը մեղմանան տարիքի բերմամբ: Ըստ այսմ Ջահկեցին ալ հանդարտութեամբ անցուց իր վերջին օրերը, եւ խաղաղութեամբ կնքեց իր ալեկոծ եւ տագնապալից կեանքը 1751-ին, ամսաթիւը անորոշ, բայց մերձաւոր հաշուով տարւոյն սկիզբները, վասնզի յաջորդը` ընտրական գործողութիւններ աւարտելէն եւ Կ. Պոլսէ Էջմիածին գալէն ետքը, նոյն 1751 տարւոյ սեպտեմբերին մայրտաճարին մէջ օծումը կ՚ընդունէր: Ղազարի գերեզմանը կը տեսնուի Ս. Գայիանէի վկայարանին բակին աջակողմը: Բաւական խօսած կը գտնուինք Ջահկեցիին անձնաւորութեան նկատմամբ, եւ իրեն գործողութեանց վրայ գնահատումներ ալ ըրած, այնպէս որ պէտք չենք զգար նոյն կէտերու վրայ անդրադառնալ: Բոլոր կեանքին ընթացքին մէջ յայտնի կը տեսնուին անոր վրայ կարողութեան գովելի ձիրքեր, յաջողակութեան համար արթուն միտք, եւ ձեռնարկներու մէջ տոկուն ջանք. սակայն դժբախտաբար ամենայն ինչ չափազանց էր անոր վրայ, եւ բուռն կիրքերով շաղախեալ էին անոր լաւ յատկութիւններն ալ: Արժանապատուութեան զգացումը մինչեւ սնափառութիւն մղուած, անձնապաշտպանութիւնը մինչեւ անգթութիւն հասած, ջանքը մինչեւ բռնութիւն, եւ համարձակութիւնը մինչեւ ապօրինութիւն յառաջացած: Եթէ գիտցած ըլլար իր ձիրքերը` կիրքերէ զերծ պահելով արդիւնաւորել, անշուշտ աւելի հանդարտ ու երջանիկ, եւ տագնապներէ, տառապանքներէ զերծ կեանք վարած կ՚ըլլար, եւ իր անունը լաւագոյն կաթողիկոսներուն հետ կը դասուէր. մինչ այժմ իր անտեղի գործերն են որ լաւ եւ ընտիր կողմերն ալ կը քօղարկեն եւ կ՚աղաւաղեն, եւ իր անունը փառաւոր յիշատակէ կը զրկեն