Տ.
ԿԱՐԱՊԵՏ
Բ.
ՈՒԼՆԵՑԻ
1944.
ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ
ԵՒ
ՆԱԽԸՆԹԱՑ
Մայրաթոռին
տարօրինակ
պարապութեան
ատեն
Յովհաննէս
Կոլոտ
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքը
պէտք
կը
զգայ
բացառիկ
կացութեան
բացառիկ
դարման
հոգալ,
եւ
Մայրաթոռի
միաբանութեան
եւ
Ջուղայի
ժողովուրդին
մինչեւ
այն
ատեն
վարած
ընտրողական
գործունէութիւնը`
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքարանին
եւ
Թուրքիոյ
հայաբնակութեան
վրայ
դարձնելով`
նախաձեռնարկ
ըլլալ
կաթողիկոսական
ընտրութեան,
եւ
Կ.
Պոլսոյ
մէջ
ընտրել
եւ
օծել
տալ
նոր
հայրապետը:
Այդ
գործողութեան
համար
պէտք
եղած
համառօտ
ժամանակը
կը
ցուցնէ
թէ
Կոլոտ
ընդհանուր
համամտութիւն
գտաւ
իրեն
առաջարկին
համար,
եւ
զօրաւոր
դիտողութեան
կամ
ընդդիմութեան
չհանդիպեցաւ:
Նախորդ
կաթողիկոսին
1725
հոկտեմբեր
10-ին
մահուան
թուականէն`
մինչեւ
յաջորդին
օծումը
1726
փետրուար
27-ին,
միայն
չորս
ու
կէս
ամսոյ
միջոց
մըն
է,
որուն
մէջ
պիտի
հաշուենք
մահուան
գոյժին
Էջմիածինէ
Կ.
Պոլիս
հասնիլը`
ժամանակին
տրամադրելի
միջոցներով,
եւ
նորընտիրին
իր
գաւառէն
Կ.
Պոլիս
գալը,
եւ
անօրինակ
արարողութեան
համար
պէտք
եղած
պատրաստութիւնները,
որոնք
հարկաւ
վերոյիշեալ
չորսուկէս
ամիսներուն
մեծագոյն
մասը
գրաւած
են:
Կոլոտի
նոր
առաջարկին
փաստերն
եղած
են,
Էջմիածինի
եւ
Երեւանի`
Օսմանցոց
իշխանութեան
անցած
ըլլալը,
ընտրուելիք
կաթողիկոսին
համար
ոչ
եւս
Պարսից`
այլ
Օսմանցոց
վեհապետէն
հաստատութիւն
ընդունելու
պէտքը,
Պարսից
թագաւորութեան
Մահմուտի
եւ
Թահմազի
մրցակցութեամբ
իբր
անգլուխ
նկատուիլը,
եւ
ամէնէն
աւելի`
Երեւանի
գաւառին
շփոթը,
Մայրաթոռի
միաբանութեան
տարտղնած
ըլլալը,
եւ
այն
կողմի
Հայութեան
կեդրոնը
սեպուող
Ջուղային`
բռնապետութեան
ներքեւ
գտնուիլը:
Կ.
Պոլսոյ
բարձրաստիճան
եկեղեցականութիւնը,
քահանայական
դասը,
իշխանական
դասակարգը
եւ
բոլոր
ժողովուրդը,
համակամ
հաճութեամբ
ընտրութիւնը
կատարելու
հաւանեցան,
եւ
ուզելով
ամէնուն
կողմէ
պատկառելի
ճանչցուած
մէկ
մը
առջեւ
անցընել,
առանց
դժուարութեան
եւ
երկպառակութեան
համաձայնեցան
Գաղատիոյ
առաջնորդ
Կարապետ
Ուլնեցի
եպիսկոպոսին
վրայ:
Երեւանեցին
Կարապետը
կը
ներկայացնէ
իբր
այր
ծեր
եւ
անձնեայ,
մեծաշուք
եւ
առատաձեռն
(
ՋԱՄ.
28),
որ
գոնէ
արտաքին
ձիրքերուն
համար
վկայութիւն
մըն
է.
իսկ
Չամչեան`
որ
ժամանակով
հեռու
չէ,
եւ
այս
միջոցէն
սկսելով
կրնայ
իբր
բնագիր
հեղինակ
նկատուիլ,
կը
կոչէ
զայն`
այր
զգօն
եւ
իմաստուն,
փառացի
անձամբ
եւ
գովելի
վարուք,
եւ
սիրելի
յաչս
ամենեցուն
(
ՉԱՄ.
Դ.
801):
Կարապետ`
Ծծկեր
մականունով
յիշուած
է
ստէպ,
առանց
իմաստը
կամ
շարժառիթը
բացատրելու,
եւ
կ՚երեւի
թէ
մանկութեան
ատենէն
մնացած
յորջորջում
մըն
է:
Արդէն
մակդիր
անուններու
սովորութիւնը
շատ
ընդարձակուած
կը
տեսնենք
այդ
միջոցին:
Յատուկ
հրաւիրակներ
կը
ղրկուին
Անկիւրիա`
Կարապետը
մայրաքաղաք
առաջնորդելու,
եւ
պէտք
եղած
նախապատրաստութիւնները
կը
կատարուին
Ս.
Աստուածածնի
մայր
եկեղեցւոյ
մէջ
երբեք
չտեսնուած,
եւ
նորէն
տեսնելու
ալ
հաւանականութիւն
չունեցող
արարողութեան
համար:
Պէտք
եղած
12
եպիսկոպոսներու
ներկայութիւնն
ալ
կը
հոգացուի,
եւ
1726
փետրուար
27-ին
Մեծ
պահոց
երկրորդ
կիրակէին`
Կարապետի
կաթողիկոսական
օծումը
տեղի
կ՚ունենայ,
նախընթաց
կիրակնամուտէն
սկսելով
ծիսական
կարգին
կատարումը:
Չէ
յիշուած
թէ
ով
էր
12
օծող
եպիսկոպոսներուն
առաջինը,
որ
հանդիսագիրն
եղած
է
այդ
նշանակելի
օրուան:
Կոլոտ
դեռ
եպիսկոպոս
չէր
եւ
չէր
կրնար
մասնակցիլ.
Շղթայակիրն
ալ
եկած
չէր,
թէպէտ
յարմարագոյնն
եղած
կ՚ըլլար:
Կ՚երեւի
թէ
հրաւէր
ստանալով
ալ
չէ
կրցած
գալ,
որ
իր
կողմէն
Կ.
Պոլիս
ղրկած
է
Հաննա
վարդապետը,
որ
Կ.
Պոլիս
եկած
կը
գտնենք
այդ
օրերը:
Կարապետ
Ուլնեցին,
զոր
մենք
Կարապետ
Բ
ըսինք,
ուրիշներէ
Կարապետ
Գ.
ըսուած
է,
Կարապետ
Կեղեցին
երկուքի
բաժնելուն
համար
(§
1375):
1945.
ՍԻՄԷՈՆԻ
ԿԱՐԾԻՔԸ
Այդ
ընդհանուր
համաձայնութեան
եւ
համերաշխ
գործակցութեան
հանդէպ,
մէկ
մը
միայն
կը
գտնենք
դժգոհ
եւ
տհաճ,
եւ
եղած
գործողութիւնը
մեղադրող
ու
դատապարտող,
եւ
այն
է
Սիմէոն
Երեւանեցին,
Էջմիածինի
կաթողիկոսը,
որ
պատշաճից
կանոնները
ոտնակոխ
ընելու
չափ
առջեւ
կը
քալէ
իր
յիշատակներուն
մէջ:
Նա
կը
խղճէ
ուղղակի
ընտրեալին
դէմ
յարձակիլ,
զոր
կը
կոչէ
ծեր
եւ
պարզամիտ,
եւ
ամենեւին
անտեղեակ
որպիսութեան
պատուոյն
եւ
իշխանութեան
աթոռոյս
կաթողիկոսութեան
(
ՋԱՄ.
235),
բայց
բուռն
կերպով
կը
յարձակի
Կոլոտի
դէմ,
կոչելով
զայն
խորամանկ,
շոգմոգ,
կեղծաւոր
եւ
խաբող,
որպէս
բերքն
է
Բաղիշու
եւ
այնց
կողմանց
(
ՋԱՄ.
235).
ձեռնարկը
չար
դիտաւորութեամբ
եղած
կ՚ըսէ,
եւ
Կոլոտը
չարութիւնս
գործած
կը
դատէ
(
ՋԱՄ.
29):
Բայց
Երեւանեցին
անագան
դատող
մըն
է,
եւ
գործին
պարագաներուն
ինքն
մասնակից
եղած
չէ,
գուցէ
տեղեկութիւններ
քաղած
ըլլայ
նախկին
Սիմէոն
Երեւանեցիէն,
որ
այդ
միջոցին
Զմիւռնիոյ
նուիրակ
կը
գտնուէր
(
ԴԻՒ.
Ա.
հզ
):
Երեւանեցի
կաթողիկոսին
բոլոր
մեղադրանքը
կը
հիմնուի
սա
պարագային
վրայ,
որ
Կոլոտ
իր
տեղեկագիրով
հաղորդած
է
Օսմանեան
կառավարութեան
Կարապետի
ընտրութիւնը,
եւ
սոյն
տեղեկագիրին
զօրութեամբ
ստացուած
է
Կարապետի
հաստատութեան
հրովարտակը:
Զարզայս,
կ՚ըսէ,
եւ
զայլս
խնդրանաց
գրեանսն
Կարապետ
կաթողիկոսին`
ինքն
Յովհաննէս
վարդապետն
գրէ
ի
յիւր
բերանոյն
առ
թագաւորն
գրելով,
թէ
ըստ
խնդրոյ
ազգիս
մերոյ
զԿարապետ
վարդապետն
կաթողիկոս
արարաք,
եւ
թագաւորն
եւս
գրէ,
թէ
ըստ
արզայի
Յովհաննէս
փաթրիքին
ետուք
զհրաման
(
ՋԱՄ.
235):
Երեւանեցիին
ցաւն
այն
է,
թէ
անկէ
առաջ
Էջմիածնանիստ
կաթողիկոսքն,
ինքեանք
եւ
կամ
իւրեանց
նուիրակօքն,
եւ
կամ
ի
ձեռն
ոմանց
իշխանաց,
անխտիր
գրէին
զարզայ
առ
թագաւորն
Օսմանցւոց
եւ
միայն
ի
նոր
հրաւիրիլն
կաթողիկոսացուին`
արզայն
ի
բերանոյ
ժողովրդոցն
գրիւր:
Իսկ
Կոլոտին
կողմէն
Կարապետի
համար
գրուած
տեղեկագիրին
վրայ
կը
գրէ,
թէ
այսու
հնարիւք,
այդ
Յովհաննէս
նենգաւորդ
հատանէ
զգիրս
եւ
զարզայս
կաթողիկոսացն
սրբոյ
աթոռոյս
ի
դրանէ
թագաւորին,
եւ
յիւր
կողմն
արկանէ,
որ
եւ
մնայ
այս
սովորութիւն
(
ՋԱՄ.
235):
Գործը
կանխամտածութեամբ
եղած
ցուցնել
ուզելով,
կ՚ըսէ
եւս,
թէ
Կոլոտ
ի
վաղուց
հետէ
ցանկայր
այդ
բանին,
եւ
միտքերը
Կոլոտի
վրայ
պղտորելու
համար
կ՚ակնարկէ,
թէ
Կարապետ
էր
յայնկուսացի,
եւ
մանաւանդ
ի
վիճակէն
Սըսայ
(
ՋԱՄ.
235):
1946.
ԿԱՐԾԻՔԻՆ
ՀԵՐՔՈՒՄԸ
Երեւանեցիին
խորհրդածութիւնները
քաղեցինք,
անոր
միտքը
որոշակի
բացատրած
ըլլալու
համար:
Նա
կ՚ուզէ
Մայրաթոռի
գերիշխանութեան
եւ
գերագահութեան
նախանձախնդիր
երեւալ,
եւ
Կոլոտը
իբր
անոր
դաւաճանած
ցուցնել,
Կ.
Պոլսոյ
աթոռին
վրայ
դարձնելով
գերիշխանութեան
ձեւը,
եւ
կառավարութեան
հետ
ուղղակի
յարաբերութեան
մէջ
գտնուելու
արտօնութիւնը:
Սակայն
Երեւանեցին
ինքն
է,
որ
յարաբերութեանց
կանոններուն
թափանցած
չէ,
եւ
շատ
թեթեւակի
կերպով
կը
ճգնի
Կոլոտի
ձեռնարկը
դատապարտել:
Նախընթաց
ժամանակներու
մէջ
Էջմիածնայ
աթոռը,
օտար
տիրապետութեան
մը
մէջ
կը
գտնուէր,
եւ
Օսմանեան
հպատակ
չէր,
եւ
իբրեւ
օտար
մը
պատահական
յարաբերութիւններ
կրնար
ունենալ
Օսմանեան
կառավարութեան
հետ,
Պարսկական
տէրութենէն
հաստատութիւն
ստանալէ
ետքը:
Սակայն
Աստուածատուրի
մահուան
ատեն
քաղաքական
կացութիւնը
տարբերած
էր,
Էջմիածին
Օսմանեանց
ձեռքըն
անցեր
էր,
եւ
Էջմիածինի
գահակալը
Օսմանեան
հպատակ
մը
եղած
էր,
եւ
այլեւս
Տաճկահպատակ
Հայութեան
մաս
կը
կազմէր:
Արդ
նախապէս
եւ
սկիզբէն
այս
Հայութեան
միակ
եւ
օրինաւոր
գլուխ
ճանչցուած
էր
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքը,
եւ
ինչ
որ
այդ
Հայութեան
կը
պատկանէր,
պէտք
էր
նոյն
գլուխին
միջնորդութեամբ
հաղորդուէր
կառավարութեան,
եւ
Էջմիածինի
կաթողիկոսն
ալ
պէտք
էր
նոյն
ձեւին
ենթարկուէր,
ինչ
ալ
ըլլային
ազգային
ներքին
շրջանակին
մէջ
կրօնական
եւ
եկեղեցական
փոխադարձ
յարաբերութիւնները:
Հակառակ
ձեւ
մը
անհնար
էր
գործածել,
բայց
եթէ
Տաճկահպատակ
Հայութիւնը
երկուքի
բաժնելով,
կամ
Տաճկահպատակ
Հայութեան
պաշտօնական
գլուխը
ոչ
եւս
Կ.
Պոլիսը`
այլ
Էջմիածինը
ճանչնալով:
Կոլոտի
բռնած
ընթացքը
բացարձակապէս
պետական
յարաբերութեանց
պահանջն
էր:
Երեւանեցին
է,
որ
ամենեւին
անտեղեակ
կը
գտնուի
որպիսութիւն
պատուոյն
եւ
իշխանութեան,
եւ
ոչ
թէ
Կարապետը
անգիտակ
է,
կամ
Կոլոտը
դաւաճան
է:
Եթէ
Երեւանեցին
այդ
բաներու
անտեղեակ
ըսելով`
եղելութեան
կողմէն
արդարացնենք,
սակայն
կը
դժուարանանք
զայն
արդարացնել,
երբ
քսութեան
ձեւերու
ալ
կը
դիմէ,
եւ
Կարապետին
ի
վիճակէն
Սըսայ,
այսինքն
պարզ
ծննդեամբ
Զէյթունցի
ըլլալը
կը
յիշէ,
զի
այն
նշանակութենէ
զուրկ
պարագայ
մըն
է,
եւ
ոչ
երբեք
Կարապետի
Սսոյ
միաբան
կամ
Սսոյ
աթոռէն
եպիսկոպոսացած
ըլլալը
կը
ցուցնէ.
ապա
թէ
ոչ
յայտնապէս
գրած
կ՚ըլլար
զայդ,
եթէ
այնպէս
եղած
ըլլար:
Իբր
քսութիւն
կը
նկատենք
նաեւ
Կարապետը
յայնկուսացի
կոչելը,
լատինամիտ
եւ
կաթոլիկութեան
հակամէտ
ըսել
ուզելով:
Կարապետի
լատինամիտ
ըլլալուն
ոչ
մի
փաստ
չկայ
մէջտեղ,
որչափ
ալ
հռոմէականք
ըսեն,
թէ
գրեաց
նամակ
յարգութեան
եւ
հպատակութեան
առ
սրբազան
պապն
(
ՓԱՓ.
934):
Գրուած
նամակը,
նոյնիսկ
հռոմէականներու
ըսելովը,
առաջարկ
մըն
էր
միայն,
որպէսզի
պապը
իրենները
խրատէ,
եւ
բարձցի
ի
միջոյ
կրճիմն
երկպառակութեան
ազգին,
եւ
մի'
եւս
ծփեսցին
ի
հանապազօրեայ
աղմուկս
(
ՉԱՄ.
Գ.
803):
Այս
դիմումը
հպատակութենէ
աւելի
յանդիմանութիւն
պէտք
է
ըսուի,
ինչպէս
եղած
էր
Աղեքսանդր
Ջուղայեցիի
նամակը
(§
1897):
Իսկ
յարգութիւն`
ազնիւ
զգացման
նշանակ
է
միայն,
որ
հակառակորդի
հետ
ալ
կրնայ
գործածուիլ:
Այսու
հանդերձ
գրուած
նամակին
պատճէնը
հրատարակուած
չէ,
տեղ
մը
գտնուիլն
ալ
յիշուած
չէ,
եւ
անհիմն
չենք
սեպեր
այն
կարծիքը,
որ
կը
պնդէ
թէ
թէպէտ
առաջարկուեցաւ
գրել,
սակայն
կաթողիկոսը
չհամակերպելով
իրեն
եղած
թելադրութիւններուն,
զանց
ըրաւ
(01.
ՕՐԱ.
131):
1947.
ԿԱՐԾԻՔԻՆ
ՇԱՐԺԱՌԻԹԸ
Եղելութեան
վրայ
պէտք
եղած
տեսութիւնները
պարզելէն
ետքը,
չէինք
ուզեր
հետազօտել,
թէ
ինչ
պարագայ
կրնար
Երեւանեցին
յորդորել
այդպէս
զինուելու
Կոլոտին
դէմ,
որ
թէպէտ
նոր
եւ
բացառիկ
քայլով
մը,
բայց
բացառիկ
պարագայէ
ստիպուած,
կը
յաջողէր
բացառիկ
կերպով
հայրապետական
աթոռին
յաջորդութիւնը
ապահովել,
եւ
Հայ
եկեղեցին
երկարատեւ
անգլուխ
մնալու
վտանգէն
ազատել:
Մեր
տեսութեամբ
կրնայ
ենթադրուիլ,
թէ
Երեւանեցի
կաթողիկոսը
նախանձայոյզ
զգացումէ
մղուած
ըլլայ
Մայրաթոռոյ
բարձրութիւնն
ու
իրաւասութիւնը
պաշտպանելու.
սակայն
այս
տեսութիւնն
ալ
իրական
եւ
իսկական
հիմ
մը
չունի,
եւ
յուզուելու
առիթ
չ՚ընծայեր,
զի
Կոլոտ
ոչ
մի
կերպով
Մայրաթոռի
իրաւունքներուն
վնասել
ուզած
չէր,
եւ
իր
գործն
ալ
միջնորդի
դերէն
անդին
չէր
անցներ:
Աւելի
հաւանական
կը
կարծենք
ըսել,
թէ
Երեւանեցին`
կաթողիկոսական
աթոռին
վրայ
գտնուելով,
կը
փափաքէր
ամէն
գործ
իր
հրամանին
ներքեւ
առնուլ,
ինչպէս
իրեն
տարապայման
տարածեալ
գործունէութենէն
ալ
կը
գուշակուի:
Արդ`
տեսնելով
որ
Տաճկաստանի
գործերուն
նկատմամբ
իր
ձգտումները
արգելք
կը
գտնէին
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքներուն
իրաւասութենէն,
եւ
կարծելով
որ
այդ
դրութիւնը
Կոլոտի
օրէն
եւ
Կարապետի
ընտրութենէն
սկիզբն
առած
է,
իր
բոլոր
զայրոյթը
թափած
է
արդէն
վախճանած
Կոլոտի
գլխուն,
որով
ընդդիմախօսի
հանդիպելու
վտանգէն
ալ
զերծ
կը
մնար:
Այդ
տեսութեան
կը
նպաստէ
դիտել,
որ
Սիմէոն
շատ
երկարօրէն
կը
խօսի
նախորդ
կաթողիկոսներու
Օսմանեան
վեհապետներու
հետ
ուղղակի
յարաբերութիւն
պահելուն
վրայ
(
ՋԱՄ.
234-238),
ինչ
որ
իրեն
հնար
չեղաւ,
թէպէտ
շատ
ձգտեցաւ
այդ
նպատակին,
եւ
մինչեւ
իսկ
ուզեց
Կ.
Պոլսոյ
մէջ
կաթողիկոսական
փոխանորդութիւն
հաստատել
պատրիարքական
իշխանութեան
վրայ
ուղղակի
ազդեցութիւն
բանեցնելու
համար:
Սակայն
պատրիարք
եւ
ժողովուրդ
դէմ
դրին,
եւ
Սիմէոնի
խորհուրդը
խափանեցաւ
(
ԶԱՄ.
Բ.
49)
եւ
երբ
պատրիարքական
իշխանութիւնը
իրեն
դէմ
գտաւ,
ներկաները
մոռնալով`
Կոլոտի
վրայ
միտքը
սեւեռեց,
եւ
Կոլոտի
վրայ
թափեց
իր
ցասումը:
Այդ
մեր
խորհրդածութիւնները
կը
հաստատուին
նոյնիսկ
Կ.
Պոլսոյ
աթոռին
դէմ
խիստ
ակնարկներովը:
Տաճկաստանի
վիճակներուն
ուղղակի
պատրիարքութեան
ներքեւ
անցնելուն
կէտն
ալ
շօշափելով,
Սիմէոն
կը
գրէ,
թէ
սկսան
ընդվզիլ
եւ
ամբարտաւանիլ
յանդըր
նստող
առաջնորդքն,
թողուլ
զհոգեւորն
կանոն,
եւ
առ
յոտն
արկանել
զպատիւն
հայրապետին,
եւ
թէ
ի
Պոլիս
նստող
փաթրիկ
կոչեցեալքն,
գնալով
ի
յամբարտաւանութենէ
ի
յամբարտաւանութիւն,
եւ
զիշխանութիւնն
նորին,
այսինքն
Մայր
աթոռին,
ի
յինքեանս
գրաւելով,
հեստեցան
ի
ճանապարհէն
ճշմարտութեան
(
ՋԱՄ.
56):
Մենք
ուզեցինք
Սիմէոն
Երեւանեցիի
տարօրինակ
տեսութեան,
եւ
Կոլոտի
պէս
կարող
եւ
արդիւնաւոր
եւ
արժանաւոր
անձի
մը
վրայ
յայտնած
ձախող
գաղափարին
ուստը
բացատրել,
ապա
թէ
ոչ
ոչ
մի
հիմնական
պէտք
չունէինք
Կարապետի
ընտրութեան
վրայ
ծանրանալու,
կամ
Կոլոտի
նախաձեռնութիւնը
ջատագովելու,
զի
համարձակապէս
օրինաւոր
եւ
օգտակար
եղած
կը
դատենք
բացառիկ
պարագաներու
ներքեւ
կատարուած
բացառիկ
կարգադրութիւնը:
1948.
ԿԱՐԱՊԵՏԻ
ԳՈՐԾԵՐԸ
Կարապետի
կաթողիկոսութեան
հանդէսը
կ՚երեւի
թէ
այն
տարին
բոլորովին
տարբեր
կերպարան
մը
տուաւ
Մեծպահքի
օրերուն:
Մեծպահքի
կիրակի
մըն
էր
երբ
օծումը
կատարուեցաւ
1726
փետրուար
27-ին,
եւ
զկնի
երից
աւուրց,
որ
ըսել
կ՚ըլլայ,
մարտ
2
չորեքշաբթի
օր,
եպիսկոպոսական
ձեռնադրութիւն
տեղի
ունեցաւ,
եւ
Յովհաննէս
Կոլոտ
պատրիարք,
տակաւին
վարդապետ,
եպիսկոպոսութեան
բարձրացաւ
Կարապետ
կաթողիկոսի
ձեռնադրութեամբ,
Գումքաբուի
մայր
եկեղեցւոյն
մէջ:
Իսկ
յետ
սակաւուց
(
ՉԱՄ.
Գ.
802)
երկրորդ
ձեռնադրութիւն
մըն
ալ
տեղի
ունեցաւ,
եւ
եպիսկոպոսութեան
բարձրացան
Յովհաննէս
կամ
Հաննա
Երուսաղեմացին`
Շղթայակիրին
փոխանորդը,
Մարտիրոս
Կուտինայի
առաջնորդը,
եւ
Թովմաս`
Կոլոտի
աշակերտներուն
երիցագոյնը
(
ԿՈԼ.
27):
Մենք
հաւանական
կը
կարծենք
այդ
երեքներուն
ձեռնադրութիւնը
դնել
անագան
1726
ամառուան
մէջ,
վասնզի
Հաննա
վարդապետը
Երուսաղէմէ
եկած
էր
Կարապետի
կաթողիկոսութիւնը
շնորհաւորելու
Շղթայակիրին
կողմէն,
եւ
անոր
նամակին
փոխադարձ
պատասխանը
բերելու
(
ԱՍՏ.
Բ.
10),
ինչ
որ
քանի
մը
ամիսներու
կը
կարօտէր:
Այդ
ձեռնադրութիւնը
առիթ
ընծայած
է
մեծահանդէս
տօնախմբութեան
մը.
իսկ
Կոլոտի
ձեռնադրութեան
առանձինն
եւ
լուր
օր
մը
կատարուած
ըլլալը
կը
մեկնենք,
իբր
առանց
հանդիսական
ձեւակերպութեանց
եղած
գործ
մը,
պատրիարքի
եպիսկոպոսանալը`
իրեն
համար
ոչ
այնչափ
փառաւորութեան
պայման,
որչափ
ետ
մնացած
պայմանի
մը
լրացումն
նկատելով:
Ուրիշ
հանդիսական
տօնախմբութեան
մըն
ալ
առիթ
ընծայեց
Վոսփորի
վրայ
գտնուող
Օրթաքէօյ
գիւղի
Խնդրակատար
Ս.
Աստուածածին
եկեղեցւոյն
օծումը,
որուն
վերաշինութեան
ձեռնարկած
էր
Կոլոտ`
Շղթայակիրին
մեկնելէն
ետքը
(§
1934),
Օծման
կատարողը
եղած
է
նոյնինքն
Յովհաննէս
եպիսկոպոս
Կոլոտ,
ինչպէս
Հաննա
կը
գրէ,
թէ
նա
ինքն
սրբագործեաց
եկեղեցին,
սրբալոյս
միւռոնաւ:
Իսկ
կաթողիկոսին
համար
կը
գրէ,
թէ
կայր
նստեալ
յաջակողմն
սրբոյ
բեմին
հանդերձ
իւր
քահանայապետական
զարդուքն
(
ՀՆՆ.
156):
Անշուշտ
յարմարագոյն
դատուած
է,
որ
եպիսկոպոս
պատրիարքն
ինքն
հանդիսադիր
կանգնի
իւրաշէն
եկեղեցւոյն
օծման,
եւ
առիթ
ունենայ
եպիսկոպոսական
մեծ
հանդէս
մը
կատարելու:
Օրթաքէօյի
եկեղեցւոյն
օծման
թուականը
միեւնոյն
1726
տարին
է,
իսկ
ամսաթիւը
յիշուած
չէ:
Բայց
հաւանական
կը
սեպենք
զայն
դնել
օգոստոս
21-ին,
Վերափոխման
ութերորդ
օրը,
նկատելով
որ
մինչեւ
ցարդ
Վերափոխման
ութօրէքը
յատկապէս
կը
տօնուի
Օրթաքէօյի
մէջ
իբրեւ
օր
տարեկանաց
եւ
տարեդարձ
նաւակատեաց:
Նկատողութեան
արժանի
է
եւս,
որ
հանդէսին
օրը
Հաննա
իբր
ձեռնադրեալ
եպիսկոպոս
կը
մասնակցէր
արարողութեանց:
1949.
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ
ԿԱՆՈՆՆԵՐԸ
Օրթաքէօյի
եկեղեցւոյն
օծման
հանդէսը
մեծ
հռչակ
ունեցած
է,
նոյն
օր
հրատարակուած
Երուսաղէմի
պատրիարքութեան
պատկանող
երեք
կանոնադրութեանց
կամ
սահմանադրութեանց
համար,
որոնք
ժողովրդական
խօսից
մէջ
Հաննայի
նզովքներ
անունով
կը
յիշուին,
բայց
ոչ
թէ
Հաննա
եպիսկոպոսը,
այլ
Կարապետ
կաթողիկոսն
է
անոնք
արտասանողը,
եւ
Հաննա
իբր
պատմաբան
հասուցած
է
մեզի
անոնց
յիշատակութիւնը:
Որչափ
ալ
Կարապետ
Գաղատիոյ
առաջնորդութեան
ատենէն,
զամենայն
վնասակար
գործս
Երուսաղէմի
տեսանելով
տեսանէր,
եւ
ըստ
ասացելոյն
Դաւթի,
հայէր
յանագորունս
եւ
մաշէր
(
ՀՆՆ.
159),
սակայն
պէտք
չենք
զգար
անոր
նախաձեռնութեան
վերագրել
Երուսաղէմի
աթոռին
ապագային
համար
գրուած
կանոնները,
քանի
որ
Կոլոտը
կար
մէջտեղ,
Երուսաղէմի
առաջին
սրտացաւը
եւ
ամէն
գործողութեանց
հոգին,
եւ
քանի
որ
դեռ
Կ.
Պոլիս
էր
Հաննա,
Կոլոտի
եւ
Շղթայակիրի
միտքերուն
արժանաւոր
գործադիրը:
Հարկաւ
Շղթայակիրին
յատուկ
հրահանգներով
եկած
էր
Հաննա
Երուսաղէմէ,
եւ
Երուսաղէմի
բարեկարգուելէն
ետքը`
անգամ
մըն
ալ
չխանգարուելուն
համար
հայրապետական
իշխանութեամբ
հաստատուած
կանոններու
պէտքը
ամէնուն
ալ
միտքին
մօտ
պիտի
ըլլար:
Այդ
կանոնադրութեան
գլուխները
եւ
բացատրութիւնները
անշուշտ
ուշի
ուշով
ուսումնասիրուեցան`
հանդիսական
հրատարակութենէն
առաջ,
եւ
ոչ
միայն
Երուսաղէմի
պաշտպանները`
Կոլոտ
եւ
Հաննա
պէտք
եղածը
գործեցին,
այլեւ
եկեղեցականութեան
եւ
աւագանիին
համաձայնութիւններն
ալ
առնուեցան,
որպէսզի
տրուելիք
վճիռը
ազգային
օրէնք
եւ
աննահանջելի
կանոնադրութիւն
համարուի
(
ՀՆՆ.
159):
Երեք
կանոնները
պաշտօնական
ոճով
յառաջ
կը
բերէ
Հաննա,
եւ
որովհետեւ
կ՚ըսէ
թէ
կաթողիկոսը
անոնք
գրով
եւ
իւր
կնիքով
սահմանադրեաց,
ուստի
ամենայն
իրաւամբ
կրնանք
յառաջ
բերուած
պատճէնը,
իբրեւ
բնագիրին
իսկականը
ընդունիլ:
Այս
նախապատրաստութեանց
վրայ,
Օրթաքէօյի
եկեղեցւոյն
օծման
օրը,
երբ
նաւակատեաց
կարգը
լրացաւ
եւ
հանդիսադիր
պատրիարքը
կարդաց
Սողոմոնի
աղօթքը
(
ՄԱՇ.
185),
եւ
ուր
մաշտոցի
խորագիրը
կ՚ըսէ,
թէ
արհիական
եպիսկոպոսն
ելեալ
յատեան
օրհնեսցէ
զժողովուրդսն
(
ՄԱՇ.
187),
կաթողիկոսն
ինքն
կանգնեցաւ
բեմին
վրայ,
եւ
պատշաճ
ատենաբանութեամբ
խօսեցաւ
յականջս
ամենայն
ժողովրդոց
եւ
քահանայից
եւ
վարդապետաց
զերիս
սահմանադրութիւնս
(
ՀՆՆ.
157):
Այլ
թէ
ինչու,
Օրթաքէօյի
եկեղեցւոյն,
եւ
ոչ
աթոռանիստ
մայր
եկեղեցւոյ
մէջ
տեղի
ունեցաւ
այսպիսի
հանդիսաւոր
եւ
պաշտօնական
գործողութիւն
մը,
որոշակի
ճշդուած
չէ:
Գուցէ
վերաշինեալ
եկեղեցւոյն
հանդէսին
առաւելագոյն
բազմութիւն
մը
ունենալ
կը
յուսացուէր,
բայց
աւելի
հաւանաբար`
գուցէ
վերջնական
որոշումը
լրացած
չէր
նախընթաց
կիրակէին,
որ
մայր
եկեղեցւոյն
ալ
տարեկանաց
օրն
էր:
1950.
ԿԱՆՈՆՆԵՐՈՒՆ
ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄԸ
Այդ
երեք
կանոնները
կ՚արժէր
թերեւս
Հաննայի
տուած
բնագրական
ձեւովը
յառաջ
բերել
(
ՀՆՆ.
157),
բայց
մենք
նախընտրած
ենք
բացատրական
ոճով
վերլուծել
այդ
տեսակ
գրուածները:
Առաջին
կանոնը
կ՚արգիլէ
որ
պատրիարք
կամ
վէքիլ
չկարենայ
ըլլալ
եկամուտ
ոք,
եւ
այդ
կոչումին
պարագաները
մեկնելով,
եկամուտ
կը
սեպէ
այն
որ,
1.
ի
Սուրբ
Երուսաղէմ
չիցէ
սնեալ
եւ
2.
կատարելապէս
Հին
եւ
Նոր
կտակարանաց
աշակերտեալ
եւ
3.
զամենայն
զելս
եւ
զմուտս
սրբոյն
Երուսաղեմայ
աթոռոյն
չիցէ
իմացեալ,
եւ
4.
բազմաւ
ժամանակաւ
չիցէ
վարժեալ
յամենայն
գործս
սրբոյ
Երուսաղէմի:
Այդ
չորս
պարագաներ
այնպէս
կը
մեկնուին
թէ
Երուսաղէմի
վանքին
միաբան
չեղողը
պատրիարք
չի
կրնար
ընտրուիլ
(
ԱՍՏ.
Բ.
11):
Սակայն
ի
Սուրբ
Երուսաղէմ
սնեալ
ըսելը
Երուսաղէմի
միաբան
ըսել
չէ,
մանաւանդ
որ
միւս
երեքը
պարզապէս
Երուսաղէմի
գործերուն
հմտութիւն
կ՚ենթադրեն,
որ
առանց
միաբան
ըլլալու
ալ
կը
ստացուի:
Բացասական
կողմէն
կ՚արգելուին
մարդահաճութեան
եւ
սնափառութեան
աղագաւ
եղած
ընտրութիւնները,
թէ
արտաքուստ
եւ
կամ
թէ
ի
ներքուստ,
որով
ներքուստ
միաբան
եղողներուն
հետ
հաւասար
գիծի
վրայ
կը
դրուին
եւ
ընտրելի
կը
նկատուին
արտաքուստ
եղողներ
կամ
միաբան
չեղողներն
ալ,
ինչպէս
էին
Գրիգոր
Շղթայակիրն
ալ
եւ
իրեն
յաջորդ
ընտրուած
Նալեանն
ալ,
որ
Երուսաղէմի
միաբան
չէին,
եւ
հնար
չէր
բացարձակապէս
այնպիսի
կանոն
մը
հաստատել,
որով
Շղթայակիրի
իսկ
հրաժարիլ
պէտք
կ՚ըլլար:
Երկրորդ
կանոնը
կ՚արգելէ
Երուսաղէմի
համար
աշխարհական
կամ
կարգաւոր
վերակացու
եւ
գլխաւոր
գործակալ
առնել,
պապա
եւ
նազըր
անուամբ,
եւ
կամ
այլ
ինչ
անուանակոչութեամբ:
Այս
կանոնը
եթէ
շատ
խստիւ
իմացուէր,
պիտի
արգելէր
Կոստանդնուպոլսոյ
պատրիարքարանէն
քննիչ
կամ
այցելու
կամ
բարեկարգիչ
ալ
յղել,
սակայն
Կ.
Պոլսոյ
աթոռը
այդ
իրաւունքը
միշտ
գործածեց,
մինչեւ
իսկ
Ծայրագոյն
Կառավարիչ
ալ
ղրկեց,
իբրեւ
առժամեայ
պատրիարք
եւ
լիազօր
իշխանութեամբ:
Որովհետեւ
ուրիշ
է
բացառիկ
պարագաներու
ատեն
ժամանակաւոր
կարգադրութիւն
մը,
եւ
ուրիշ
է
հաստատուն
կերպով
Երուսաղէմի
մատակարարութիւնը
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքութեան
փոխանցելը,
որ
մինչեւ
այսօր
եղած
չէ,
եւ
վերջին
օրերը
յղացուած
միտքերը`
կանոնիս
անհամաձայն
կը
ցուցնեն:
Ըստ
այսմ
երկրորդ
կանոնին
պարզապէս
նպատակն
է,
Երուսաղէմի
պատրիարքութիւնը
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքութեան
պաշտօնեաներու
ձեռքով
մատակարարելու
դրութիւնը
արգելել:
Այդ
միտքն
է
որ
բացարձակապէս
կը
յայտնուի
երրորդ
կանոնին
մէջ,
որ
կ՚արգելու
կցել
եւ
միացուցանել
զպատրիարքութիւնն
սրբոյն
Սաղիմայ
ընդ
առաջնորդութեանն
Կոստանդնուպոլսոյ,
կամ
այլ
ինչ
տեղւոյ,
որպէսզի
վնաս
չհասնի
Երուսաղէմի
դիրքին,
եւ
չ՚արգելէ
անոր
բացարձակ
լինել
ինքնին
իշխանութեան
(
ՀՆՆ.
158):
Ճիշդ
այս
երրորդն
է
երեք
կանոններուն
հիմնականը,
եւ
կ՚արժէր
զայն
առաջին
ընել,
մինչեւ
իսկ
եթէ
միակ
ըլլար`
բաւական
էր
իսկական
նպատակը
յայտնել:
1951.
ԲՈՒՆ
ՆՊԱՏԱԿԸ
Երեք
գլուխները
ամփոփելով
բուն
հիմնական
եւ
հաստատուն
կանոն
կը
նկատենք,
Երուսաղէմի
պատրիարքութիւնը
չխափանել
Կ.
Պոլսոյ
կամ
ուրիշ
մէկ,
զոր
օրինակ
Սսոյ,
աթոռին
հետ
կցելով,
եւ
Երուսաղէմը
փոխանորդներու
կամ
մատակարարներու
չյանձնել:
Ըստ
այսմ
ըսուած
է,
որ
ոչ
միայն
Կոստանդնուպոլսոյ,
այլեւ
որեւէ
այլ
ինչ
տեղւոյ
առաջնորդութեան
հետ
պիտի
չկցուի
Երուսաղէմի
աթոռը:
Եւ
այս
ընդարձակ
առումին
պատճառով`
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքութիւնն
ալ
առաջնորդութեան
անունով
յիշուած
է,
եւ
ոչ
թէ
Երեւանեցիէն
գործածուած
նախատական
ձեւով
(§
1947):
Իսկ
ընտրելի
պատրիարքին
վրայ
աւելի
կարեւոր
պայման
մը
կը
տեսնենք,
Երուսաղէմի
ընթացքին
գիտակ
եւ
գործերուն
վարժ
եղած
ըլլալ,
եւ
մարդահաճութեան
եւ
սնափառութեան
աղագաւ
ընտրուած
չ՚ըլլալ,
քան
թէ
պարզապէս
ի
Սուրբ
Երուսաղէմ
սնեալ,
կամ
թէ
Երուսաղէմի
միաբան
եղած
ըլլալ,
զի
գլխաւոր
պայմաններուն
յարմար
չեղողը
կը
մերժուի
հաւասարապէս,
եթէ
ի
ներքուստ,
այսինքն
եթէ
միաբան
ալ
եղած
ըլլայ:
Երկու
կանոններուն
վերջը
նզովեալ
լիցի
յանգերգը
կը
կրկնուի.
իսկ
երրորդին
ծայրը
աւելի
սաստկութեամբ
կը
գրուի,
որոշեալ
լիցի
ի
քրիստոնէական
սուրբ
հաւատոյս
(
ՀՆՆ.
158):
Այս
ալ
կը
հաստատէ,
թէ
այս
կէտն
է,
որ
կանոններուն
բուն
նպատակը
կը
կազմէ:
Հաննա
պատմագիր,
այդ
ամէնը
յառաջ
բերելէ
ետքը
փափկանկատութեամբ
մը
կ՚աւելցնէ,
թէ
այս
կանոններուն
շարժառիթն
էր,
ոչ
պատիւ
ներկայ
եղելոցն,
եւ
ոչ
պարսաւանք
ապագայ
եկելոցն,
այլ
միայն
օգտակար
խրատ
չարաբաստիցն:
Իսկ
եթէ
այդ
կանոնները
կազմելու
արժանիքը
կաթողիկոսին
կը
վերագրէ,
պարզապէս
պատշաճից
օրէնքի
համակերպութիւն
է
ըրածը,
թէ
ոչ
անհնար
է
որ
անոնց
նախաձեռնութիւնը
Կոլոտէ
եւ
Հաննայէ
սկսած
չ՚ըլլայ
(§
1949):
Թէպէտ
Հաննա
որոշակի
չի
գրեր,
սակայն
յայտնի
է
թէ
եպիսկոպոսութեամբ
փառաւորուած
է,
եւ
այդ
կանոններու
հռչակուելովը
ուրախացած,
նա
ինքն
Հաննա
փութաց
շուտով
Երուսաղէմ
տանել
հաստատուած
կանոնները,
եւ
Շղթայակիրն
ալ
ուրախացնել
եղելութիւնները
հաղորդելով:
1952.
ԿԱՐԱՊԵՏ
ԵՒ
ԼԱՏԻՆՆԵՐ
Կարապետ
կաթողիկոս,
Կոստանդնուպոլսոյ
մէջ
ընտրուած
եւ
օծուած,
անհակառակ
կերպով
ընդունուեցաւ
թէ
Մայրաթոռոյ
եւ
թէ
Պարսկահպատակ
Հայութեան
կողմէն,
եւ
հրաւիրուեցաւ
իսկ
փութալ
իր
աթոռը
հասնիլ:
Ինքն
ալ
համամիտ
էր
օր
յառաջ
աթոռանիստին
մէջ
գտնուիլ,
սակայն
պարագաներ
շատ
աննպաստ
էին,
զի
Օսմանցիք
Երեւանի
գաւառը
գրաւելէն
ետքը,
դէպի
Ղափան
յարձակումներու
սկսած
էին,
ուր
ոչ
միայն
Պարսիկները,
այլեւ
Դաւիթ
բէգի
հայագունդերը
իրենց
դէմ
կը
պատերազմէին
(§
1943),
ուստի
դիւրին
չէր
եւ
ոչ
ալ
խոհականութիւն
էր
Էջմիածին
երթալ:
Այս
պատճառով
պարտաւորուեցաւ
միջոց
մը
Կ.
Պոլիս
մնալ,
բայց
իր
օրերը
անգործ
անցընել
չ՚ուզեց,
եւ
աշխատեցաւ
համերաշխութեան
կերպերով
բառնալ
կաթոլիկամիտ
կուսակցութեան
գայթակղութիւնը,
խափանել
Հայոց
եկեղեցիներէն
խորշելու
վտանգաւոր
դրութիւնը,
եւ
հաշտարար
խաղաղութիւն
հաստատել
Հայութեան
մէջ:
Բանակցութիւններ
եղան
երկու
կողմերու
մէջ,
եւ
Կարապետ
կաթողիկոսի
եւ
իրեն
գործակցող,
թերեւս
եւ
առաջնորդող,
Կոլոտ
պատրիարքի
կերպերը
շինարար
ազդեցութիւն
գործեցին,
եւ
շատ
աւելի
մերձաւորութիւն
յայտնուեցաւ
լատինամիտ
կուսակցութեան
կողմէն:
Անոնք
ուզելով
որ
իրենք
ալ
պահանջի
մը
գոհացում
ստացած
երեւան,
առաջարկեցին
որ
խափանուին
երեք
սուրբ
ժողովներուն
տօներուն
առթիւ
երգուած,
Ով
հրաշալի
մանկունք
շարականին
ծայրի
երեք
Տեսի
ես,
եւ
Աստանօր,
եւ
Գեղեցիկ
տուները,
որոնց
մէջ
նզովք
կ՚արձակուի
Քաղկեդոնի
ժողովին
եւ
Լեւոնի
տոմարին
դէմ:
Կաթողիկոս
եւ
պատրիարք
հաւանեցան
այդ
զեղչին,
եթէ
անով
հնար
պիտի
ըլլար
ցանկացեալ
խաղաղութիւնը
հաստատել.
մանաւանդ
որ
այդ
երեք
տուները
շարականին
նախնական
խմբագրութեան
մաս
չեն
կազմեր,
եւ
յետոյ
մուծուած
կցկտուր
յաւելուածներ
են,
ինչպէս
որ
պարունակութիւնն
ալ
կը
ցուցնէ:
Շարականը
Նիկիոյ
եւ
Կոստանդնուպոլսոյ
եւ
Եփեսոսի
սուրբ
ժողովներուն
համար
շինուած
է,
եւ
անոնց
որոշումները
կը
յիշատակուին,
եւ
բնաւ
անոնց
հետ
կապ
չունին
ոչ
Դէոսկորոսի
գումարած
Եփեսոսի
ժողովը,
եւ
ոչ
Մարկիանոսի
գումարած
Քաղկեդոնի
ժողովը,
որոնք
ժամանակով
յետնագոյն
են:
Լեզուն
իսկ
անկեալ
ոճ
մը
ունի`
առջի
հինգ
տուներուն
հետ
բախտատուած
ատեն,
եւ
բնաւ
Հայ
եկեղեցւոյ
կարգաց
ու
կանոնաց
հակառակ
չէր,
երեք
յաւելուածական
տուները
զեղչել,
եւ
ըստ
այսմ
ալ
հրամայեցին
կաթողիկոսն
ու
պատրիարքը:
1953.
ԼԱՏԻՆԱԿԱՆ
ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐ
Այս
բաւական
եղաւ
որ
լատինամիտ
իշխանաւորք
եւ
ժողովուրդք
սկսան
երթեւեկել
յեկեղեցիս
Հայոց,
եւ
կաթողիկոսին
եւ
պատրիարքին
տային
յարգութիւն
մեծ,
եւ
կը
յայտնէին
բազում
ընծայիւք
(
ՉԱՄ.
Գ.
803):
Նոյնինքն
Լատին
եպիսկոպոսն
ալ
1727
ապրիլ
2-ին
Կարապետ
կաթողիկոսին
այցելութեան
եկաւ,
եւ
Հայոց
մայրեկեղեցին
մտնելով
աղօթեց,
եւ
կաթողիկոսին
ու
պատրիարքին
հետ
մտերմական
տեսակցութիւն
ունեցաւ
թարգմանի
միջոցաւ,
ուսկից
յետոյ
կաթողիկոսն
ալ
այցելութիւնը
փոխանակեց
փոխանորդ
Մանուէլ
վարդապետը
ղրկելով:
Լատինական
հնարագիտութիւն
մըն
է,
որ
երբ
դժուարութեան
հանդիպին`
քիչով
գոհանան,
եւ
մնացեալին
վրայ
լռեն,
նորէն
անոնց
վրայ
անդրադառնալու
համար,
երբ
առաջին
դժպհի
տպաւորութիւնը
անցնի:
Նոյնը
գործադրուած
է
այս
անգամ
ալ:
Հռոմէականք
կ՚ըսեն
թէ
Լատին
եպիսկոպոսին
առաջարկութեան
վրայ
Կարապետն
յանձն
առաւ
պապին
նամակ
մը
գրել,
եւ
այս
է
թերեւս
հպատակութեան
նամակ
կոչուածը,
որ
պատշաճ
ոճով
կը
խնդրէր,
որ
կրճիմն
երկպառակութեան
վերցուի,
եւ
պապին
կ՚առաջարկէր
որ
իրեններուն
կրօնամոլ
ձգտումները
սանձէ,
որ
ազգը
մի'
եւս
ծփեսցի
ի
հանապազօրեայ
աղմուկս:
Լատիններ
իրենց
սովորական
ոճով
պատեհը
հասած
կը
կարծեն,
որով
անմիջապէս
առջեւ
կը
նետուին
այլ
եւ
այլ
պայմանք
վասն
միութեան:
Բայց
որովհետեւ
անոնք
կաթողիկոսէն
եւ
պատրիարքէն
եւ
հաւատարիմ
հայադաւան
ժողովուրդէն
չէին
կրնար
ընդունուիլ,
ուստի
նամակը
անպատասխանի
կը
թողուի:
Հռոմէականք
ալ
կը
գրեն,
թէ
Կարապետ
այլեւս
լուռ
եղեւ
(
ՉԱՄ.
Գ.
803),
եւ
այսչափը
կը
բաւէ
հաւաստելու
որ
Կարապետ,
որչափ
ալ
խաղաղութեան
հետամուտ,
երբեք
իր
եկեղեցւոյն
հիմնական
սկզբունքներէն
հեռացող
չէր,
եւ
ոչ
ալ
յայնկուսացի
մըն
էր
(§
1946):
1954.
ԿԱՐԱՊԵՏ
ՅԷՋՄԻԱԾԻՆ
Ապրիլ
2-էն
ետքը,
որ
Լատին
եպիսկոպոսին
այցելութեան
օրն
էր,
երկու
ամիս
եւս
Կարապետ
Կ.
Պոլիս
մնաց,
եւ
տեսնելով
որ
իրեն
համար
հոն
ընելիք
մնացած
չէ,
յունիս
7-ին
կը
մեկնի,
հանդարտ
ուղեւորութեամբ
դէպ
Էջմիածին
երթալու
համար:
Նախ
ամիս
մը
կը
մնայ
Պրուսա,
անկէ
կ՚անցնի
Անկիւրիա,
ուր
պէտք
է
աւելի
ալ
մնացած
ըլլայ`
իբր
իւր
նախկին
աթոռը,
եւ
ուր
կրնար
անձնական
գործեր
ալ
ունեցած
ըլլալ:
Անկիւրիայէ
կ՚ուղեւորի
Եւդոկիա,
իսկ
անկէ
անդին
իր
հանդիպած
տեղերը
յիշուած
չեն.
բայց
անշուշտ
չէ
կրցած
զանց
ընել
Սեբաստիան,
Երզնկան
ու
Կարինը,
մինչեւ
հասնէր
Էջմիածին,
ուր
կը
գտնուի
1728-ին
սկիզբները,
թէպէտ
ամսաթիւը
յիշուած
չենք
գտներ:
Ըստ
այսմ
ընտրութենէն
երկու
տարի
ետքը
Կարապետ
կաթողիկոս
իր
աթոռը
հասած
կ՚ըլլայ,
իբր
տարիուկէս
Կ.
Պոլսոյ
մէջ,
եւ
եօթը
ութը
ամիս
աստ
եւ
անդ
ատեն
անցընելէ
ետքը:
Հարկաւ
այդ
միջոցին
Մայրաթոռին
մէջ
եպիսկոպոս
մը
կար,
որ
իբր
տեղակալ
կամ
փոխանորդ
գործերու
վարիչն
էր.
իսկ
թէ
ով
էր,
յիշատակներուն
մէջ
չենք
գտներ:
Կանխաւ
տրուած
տեղեկութեանց
համեմատ
Կարապետ
արդէն
ծեր
էր
ընտրուած
ատեն,
թէպէտ
ճիշդ
տարիքը
յիշուած
չէ,
բայց
բաւական
յառաջացեալ
տարիք
մը
կ՚ենթադրուի,
որովհետեւ
Էջմիածին
հասնելէն
ետքն
ալ
շատ
չ՚ապրեցաւ,
եւ
յաջորդ
տարւոյն
վերջերը
1729
հոկտեմբեր
2-ին,
Վարագայ
խաչին
հինգշաբթի
օրը,
վախճանեցաւ
Էջմիածինի
մէջ
(
ՉԱՄ.
Գ.
805),
եւ
թաղուեցաւ
Ս.
Հռիփսիմէի
վկայարանին
գաւիթին
ձախակողմը
(
ՋԱՄ.
29):
Էջմիածինի
մէջ
անցուցած
ժամանակին
կարճութիւնն
ալ,
եւ
իր
ծերացեալ
տարիքն
ալ
չէին
ներեր
Կարապետի
մեծ
արդիւնքներ
ունենալ,
այսուհանդերձ
գեղեցիկ
յիշատակ
մը
թողած
է
Մայրտաճարի
խորանին
կամարին
մէջ
նկարել
տալով
երկոտասան
առաքելոց
պատկերները,
համաձայն
հին
եկեղեցիներու
աւանդական
ձեւին,
եւս
եւ
հոգալով
զգրեանս
օգտակարս`
Երեւանեցիին
բացատրութեամբ
(
ՋԱՄ.
28),
որով
կ՚իմանայ
վաւերական
կալուածագիրեր
հին
եւ
նոր
ստացութեանց
համար:
Կարապետ
չեկած
շատ
խառնակ
եւ
շփոթ
էր
Երեւանի
գաւառին
կացութիւնը,
եւ
թէպէտ
յետոյ
քիչուշատ
կանոնաւոր
ձեւի
մտնելու
կը
սկսէր,
սակայն
Ղափանի
կողմերը
յուզմունքներ
եւ
պատերազմական
շռինդներ
նորէն
արծարծուեցան
Կարապետի
գալէն
ետքը:
1955.
ԴԱՒԻԹ
ԲԷԳԻ
ԳՈՐԾԵՐԸ
Դաւիթ
Սիւնին,
ժողովուրդին
Դաւիթ
բէգը
(§
1941),
վերջին
պատերազմ
մը
մղած
էր
1725-ին
Ղափան
արշաւող
Թիւրքմէն
բազմութեան
դէմ,
անստոյգ
ելքով,
զի
թէպէտ
մասնաւոր
յաջողութիւններ
ստացած
էին
ինքն
եւ
իրենները,
սակայն
արդէն
մեռած
էին
Թորոս
Ջավընդուրցին
եւ
Փարսատան
Հալիձորեցին,
գժտած
էր
Մխիթար
Ղափանցին,
գերի
ինկած
էր
Ստեփանոս
Շահումեանը,
վիրաւորուած
էր
Պալի
Փարսատանեան.
բայց
գժտեալը
բարեկամացաւ,
գերեալը
ազատեցաւ,
եւ
վիրաւորեալը
բժշկուեցաւ
(
ՉԱՄ.
Գ.
791),
եւ
Դաւիթ
իր
կեդրոնը
Շհներէ
Հալիձոր
փոխադրելով,
պատեհը
յարմար
կը
կարծէր
հանդարտ
կերպով
կարգադրել
գործերը
իր
երկրում
(
ԼԷՕ.
Բ.
372):
Ձմեռը
խաղաղ
անցաւ,
բայց
ահա
1726-ի
սկիզբը
նոր
ասպարէզ
բացուեցաւ
Դաւիթի
առջեւը:
Օսմանեան
բանակը
արշաւեց
Ղափանի
գաւառը
գրաւելու,
եւ
Հայեր
մեծամասնութեամբ
անձնատուր
ըլլալու
փութացին,
Օսմանցիներու
ահեղ
անունին
տպաւորութեան
ներքեւ:
Օր
մը
Դաւիթ
ինքզինքը
միայն
17
հոգիով
մնացած
գտաւ,
բայց
շուտով
453
զինեալներ
տեսաւ
նա
իր
շուրջը
Հալիձորի
մէջ,
ուր
ապաւինեցան
եւս
երեք
եպիսկոպոսներ,
13
քահանաներ,
եւ
40
հաւատաւոր
կուսաններ:
Դաւիթ
մտածեց
մի'
գուցէ
Աստուծոյ
դէմ
գործ
մը
եւ
ամբարտաւանութեան
ձեռնարկ
մը
նկատուի
իր
դիմադրութիւնը,
ուստի
աղօթքով
եւ
հաղորդութեամբ
ուզեց
սիրտը
հանդարտել:
Նոյնը
ընել
տուաւ
իրեն
հետ
եղողներուն
ալ,
եւ
ահա
1726
մարտ
5-ին,
Մեծպահքի
13-րդ
օրը,
Հալիձորի
առջեւ
հասաւ
70,
000-ի
այլազգի
բանակ
մը,
որուն
մէջ
կը
գտնուէին
նաեւ
Նախիջեւանի,
Ագուլիսի,
Ջահուկի,
Ջավնդուրի
եւ
Բարկուշատի
անձնատուր
Հայ
գունդերը,
չհաշուելով
ծառայութեանց
եւ
բեռնակրութեանց
ստիպեալ
գիւղացիներու
բազմութիւնները
(
ՉԱՄ.
Գ.
793):
Յիշենք
որ
ճիշդ
այդ
շփոթ
միջոցին
կը
կատարուէր
Կ.
Պոլսոյ
մէջ
Կարապետի
ընտրութիւնն
ու
օծումը
(§
1944):
Դաւիթի
իր
սակաւաթիւ
գունդով`
Օսմանցիներու
բանակին
վրայ
տարած
Հալիձորի
յաղթութիւնը,
Մեղրիի
գրաւումը,
եւ
Հալիձորի
երկրորդ
պատերազմը,
առասպելական
վէպերու
կարգը
պիտի
անցնէին,
եթէ
ականատես
Շահումեան
չլինէր
պատմողը:
Դաւիթ
յարաբերութեան
մտած
էր
Պարսից
օրինաւոր
թագաւոր
կարծուած
Թահմազի
հետ,
որ
Դաւիթի
քաջութիւնը
տեսնելով,
զայն
ընդհանուր
հրամանատար
նշանակեց
իր
գունդերուն,
եւ
այս
անգամ
Դաւիթ
նոր
դիրքով
եւ
նոր
աշխոյժով
կրկին
գործի
ձեռնարկեց
1727-ին,
իբր
ինքնագլուխ
իշխան:
Կարծես
թէ
Օրիի
երազած
Հայոց
ազատագրութեան
արշալոյսը
կը
ծագէր:
Դաւիթ
յաջողութիւն
ունեցաւ
Մեղրիի
եւ
Օրտուպատի
վրայ,
Ագուլիս
ալ
մտաւ,
բայց
Հայոց
դաւաճանութեամբ
թողուլ
պարտաւորուեցաւ,
թէպէտ
յաղթական
նահանջով
մը:
Բայց
Դաւիթի
նոր
դիրքը
ճշմարիտ
յաջողութեան
առհաւատչեայ
չեղաւ.
Պարսիկ
գունդերը
օգնութենէ
աւելի
շփոթութիւն
կը
բերէին:
Հայերու
մէջ
զօրացաւ
նախանձն
ու
հակառակութիւնը,
եւ
շատերը
գոհացուցիչ
գտան
Օսմանեան
տիրապետութեան
ներքեւ
մտնելը:
Դաւիթ
ալ
հիւանդացաւ
անտանելի
աշխատութեանց
երեսէն,
Հալիձոր
դարձաւ,
եւ
1728-ին
սկիզբը
մեռաւ
այն
տեղ,
նոր
տարւոյն
նոր
գործունէութեան
ձեռնարկելէ
առաջ:
Այդ
առ
երեսս
հանդարտութեան
միջոցն
է,
ուսկից
քաջալերուած
Կարապետ
կաթողիկոս
Էջմիածին
կը
դառնար
(§
1954):
1956.
ՇԱՐԺՈՒՄԻՆ
ՎԵՐՋԸ
Դաւիթի
յաջորդ
նշանակուեցաւ
Մխիթար,
որ
առաջ
անոր
տեղակալն
ու
սպարապետն
էր,
բայց
Աւետիք
Հալիձորեցի
քահանային`
պարզապէս
Տէր-Աւետիք
կոչուած
զօրավարին
նախանձը
շարժուեցաւ,
եւ
ներքին
գժտութեանց
սերմեր
բողբոջեցան
Հալիձորի
մէջ,
որ
տակաւին
Օսմանեան
բանակին
դէմ
կը
դնէր:
Միւս
տարին
1729-ին
Օսմանեանք
Հալիձորը
պաշարեցին,
եւ
բերդապահներէն
մաս
մը
Տէր-Աւետիքի
գլխաւորութեամբ
անձնատուր
ըլլալու
կողմն
եղան,
հակառակ
Մխիթարի
կարծիքին:
Երբոր
Տէր-Աւետիք
երկու
ընկերով
բանակցութեան
գնաց,
Մխիթար
փախաւ.
եւ
Հալիձոր
դուռերը
բացաւ,
բայց
հակառակ
եղած
խոստումներու`
կոտորածի
եւ
գերութեան
մատնուեցաւ,
իսկ
Տէր-Աւետիք
ազատ
թողուեցաւ:
Մխիթար
կրցաւ
նորէն
գունդ
մը
կազմել
եւ
բաւական
նեղութիւն
եւ
վնաս
հասցնել
Օսմանեան
բանակին
1729
տարւոյն
մէջ,
բայց
երբ
Խնձորեսքի
բերդին
մէջ
ամրացած
ձմեռնային
հանդարտութիւնը
կ՚անցընէր,
իրեն
դէմ
ոխացած
Հայեր,
հրազէնով
սպաննեցին
զինքը,
եւ
գլուխը
կտրելով
Օսմանեանց
հրամանատարին
ընծայ
տարին
մինչեւ
Թավրէզ:
Այս
վատ
սպանութիւնը
տեղի
ունեցաւ
1730
տարւոյ
սկիզբները:
Այդպէս
վերջացաւ
Օրիին
մտածած
եւ
Դաւիթին
կազմակերպած
Հայկական
շարժումը,
զի
Մխիթարի
յաջորդ
չգտնուեցաւ,
եւ
Տէր-Աւետիք
ալ
արդէն
Անկիւրիա
քաշուած
էր,
անկէ
ալ
Հռոմ
գացած
կ՚ըսուի
(
ՉԱՄ.
Գ.
800),
ինչպէս
ամէն
փորձանաւոր
եկեղեցականներ,
իբրեւ
ապաստանի
քաղաք
հոն
կը
դիմէին:
Հռոմ
ալ
դաւանափոխութեան
անհրաժեշտ
պայմանով
դիւրին
պաշտպանութիւն
մը
կը
շնորհէր
հեռաւոր
Արեւմուտքին
մէջ:
Իսկ
Մխիթարէ
մնացած
զինեալներ
եւ
անոնց
գլխաւորներ
քակտեցան
ու
ցրուեցան,
ոմանք
միւս
Հայերու
պէս
կացութեան
համակերպեցան,
ուրիշներ
Պարսիկ
ծառայութեան
մտան,
ոմանք
ալ
Յովհաննէս
Գուգարացիին
մօտ
գացին,
զոր
շարժումին
սկիզբը
յիշեցինք
(§
1941),
եւ
որ
տակաւին
ամփոփ
եւ
խոհական
կերպով
իր
դիրքը
կը
պահէր,
առանց
արկածալից
գործերու
ձեռնարկելու:
Ղափանի
շարժումին
ջնջուելուն
հետ
Շիրվանի
շարժումն
ալ
կը
վերջանար:
Շիրվանի
հայ
գունդն
ալ
1726-ին
յաջողեր
էր
նահանջի
ստիպել
Ղարաբաղ
արշաւող
Օսմանեան
գունդը,
բայց
ասիկա
Եսայի
կաթողիկոս
զօրավարին
վերջին
գործը
կ՚ըլլար:
Օսմանցիներուն
հետ
համաձայնելով`
Ռուսներուն
ետ
քաշուիլը,
եւ
վրայ
հասնող
Պետրոս
Մեծին
մահը,
յուսաբեկ
ըրին
Շիրվանի
շարժումին
գլուխները
(§
1932),
որոնք
1725
մարտ
10-ին
տակաւին
Պետրոս
ձարին
կը
դիմէին,
անոր
մահը
լսած
չ՚ըլլալով
(
ԵԶՆ.
118):
Եսայի
հիասթափուած
եւ
յուսախաբուած
ասպարէզէ
քաշուեցաւ,
եւ
այլեւս
իր
անունը
գործի
վրայ
չլսուիր`
թէպէտեւ
կը
յիշուին
Ռուս
պաշտօնատարներու
ըրած
դիմումները
(
ԵԶՆ.
432),
որոնք
շարունակեցին
մինչեւ
իր
մահը
1728-ին,
նոյն
այն
տարին
որ
Դաւիթ
ալ
մեռաւ:
Աւան
Կարապետեան
Ղարաբաղցի
մելիքը
գլուխ
կեցաւ`
տակաւին
շարժումի
հետեւող
գլխաւորներուն,
որոնք
իւզբաշիներ
կը
կոչուէին.
բայց
բոլոր
իր
գործունէութիւնը
Ռուսներէն
օգնութիւն
ստանալու
ջանքին
մէջ
ամփոփուեցաւ,
որուն
բանագնացն
էր
իր
եղբայր
Թարխան
մելիքը:
Սակայն
Պետրոս
Մեծի
յաջորդները,
Կատարինէ
Ա.
կայսրուհին
1725-ին,
եւ
Պետրոս
Բ.
մանկահասակ
կայսրը
1727-ին,
անոր
ոչ
հոգին
ունէին
եւ
ոչ
ձիրքերը,
որով
անլսելի
մնացին
Հայերուն
փափաքները
ու
առաջարկները,
որոնք
երկու
տարի
ետքն
ալ
1730
մարտ
30-ին
կը
յայտարարէին,
թէ
30,
000
զինեալ
Հայեր
ցրուելու
պարտաւորուած
են,
բայց
պատրաստ
են
նորէն
զինուիլ`
եթէ
Ռուսական
բանակ
մը
առջեւնին
անցնի
(
ԵԶՆ.
447):
Ղարաբաղի
այդ
կորովի
Հայերուն
առաջարկուած
ամենամեծ
օգնութիւնը,
իրենց
բնագաւառէն
գաղթելն
էր,
որուն
սակայն
քիչեր
համաձայնեցան:
Գլխաւորներէն
քանիներ,
ինչպէս
Պետրոս
Սարգիսեան
եւ
Եղիազար
Խաչատուրեան
Ռուսական
բանակին
ծառայութեան
մտան,
Հայ
հեծեալներու
յատուկ
վաշտին
մէջ,
եւ
վերջինս
զօրավարի
աստիճանի
ալ
բարձրացաւ
Լազար
Խրիստոֆորով
անունով,
Ռուսահայ
զօրապետներու
անդրանիկը
(
ԼԷՕ.
397):
Աւան
մելիքն
ալ
նոյն
ճամբուն
հետեւեցաւ
հինգ
ընկերներով,
եւ
Իվան
Կարապետով
գնդապետ
եղաւ,
որով
1730
թուականը
Ղարաբաղի
մէջ
ալ
հայկական
շարժումին
վերջանալը
տեսաւ
(
ԼԷՕ.
399),
ինչպէս
եղած
էր
Ղափանի
մէջ
Մխիթարի
սպանութեամբը:
Այդ
ամփոփ
տեղեկութիւնները
հարկ
սեպեցինք
քաղել,
քանի
որ
ազգային
եկեղեցւոյ
պատմութեան
տեսակէտէն
միշտ
անհրաժեշտ
է
աչքի
առջեւ
ունենալ
Հայութեան
ազգային
կացութիւնը:
Վերջին
դէպքերը
տեղի
ունեցան
Կարապետ
կաթողիկոսի
մահուանէն
ետքը
Մայրաթոռոյ
պարապութեան
միջոցին:
1957.
Կ.
ՊՈԼՍՈՅ
ԳՈՐԾԵՐ
Կարապետի
յաջորդին
չ՚անցած,
պէտք
կը
սեպենք
միւս
աթոռներու
մէջ
կատարուած
եղելութիւնները
քաղել`
ժամանակակից
յարաբերութիւնները
զուգընթաց
յառաջացնելու
համար:
Կոստանդնուպոլսոյ
աթոռին
գործերուն
մէկ
մասը
Կոլոտի
շինարար
ձեռնարկներուն
կը
պատկանին,
մնացածները
կաթոլիկամիտ
ձգտումներէ
յառաջ
եկած
շփոթներու
շարունակութիւններն
են:
Իբրեւ
շինարար
ձեռնարկներ
ունինք
Իւսկիւտարի
Ս.
Կարապետ
եկեղեցւոյն
վերաշինութիւնը
1726-ին,
անոր
մերձաւոր
Երուսաղէմի
հոգետունին
նորոգութեան
հետ,
Խասքէօյի
Ս.
Ստեփանոս
եկեղեցւոյն
շինութիւնը
1729-ին,
եւ
վերջապէս
Պալաթի
Ս.
Հրեշտակապետ
եկեղեցւոյն
ձեռնարկը,
որ
1729
յուլիս
16-ի
մեծ
հրդեհին
այրած
էր,
Յոյներու
13
եկեղեցիներուն
հետ
(
ԿՈԼ.
30):
Իսկ
կաթոլիկական
խնդիրը,
որ
պահ
մը
թուլցած
էր,
Լատին
եպիսկոպոսին
հետ
կազմուած
համերաշխութեան
վրայ,
կրկին
արծարծեցաւ,
երբոր
կաթողիկոս
եւ
պատրիարք
յանձն
չ՚առին
այն
նոր
պայմանները,
որոնք
Հռոմէ
առաջարկուեցան
վասն
միութեան
(§
1933):
Լատին
եպիսկոպոսը,
որ
նախապէս
հաւանած
էր
իրեն
հետեւողներուն
Հայոց
եկեղեցին
երթալուն,
եւ
ինքն
ալ
անձամբ
գացած
եւ
աղօթած
էր,
կրկին
սկսաւ
միտքերը
պղտորել
եւ
նոր
հրամաններ
արձակել,
որով
որք
գային
յեկեղեցիս
Հայոց,
արգելեալ
եղեն
ի
հրամանէ
Լատին
եպիսկոպոսին
(
ՉԱՄ.
Գ.
804):
Ասով
անգամ
մըն
ալ
կը
հաստատուի,
նոյնիսկ
հռոմէականներու
վկայութեամբ,
թէ
Լատիններու
անձնահաճ
կարգադրութիւնը,
եւ
առջի
օրը
օրինաւոր
սեպուածը
երկրորդ
օրը
ապօրէն
հռչակելը,
պատճառ
է
միամիտ
ժողովուրդին
մէջ
սերմանուած
գժտութիւններուն
եւ
մշակուած
հակառակութիւններուն:
Հռոմէականաց
վկայութեամբ
կը
հաստատուի
նաեւ,
թէ
ձեռն
արկին
երկոքին
կողմանք
մատնել
զմիմեանս
յատեան
այլազգեաց,
եւ
արկանել
զիրեարս
եւ
մեծամեծ
տուգանս
(
ՉԱՄ.
Գ.
804):
Այս
ալ
կը
ստուգէ
թէ
կաթոլիկամիտներուն
կողմէ
հայադաւաններու
դէմ
քսութիւններ
ու
զրպարտութիւններ
եղած
են,
որոնց
համար
չեն
կրնար
պետական
հրամանի
արդարացումը
յառաջ
բերել:
Մինչ
միւս
կողմէն
Հայոց
պատրիարքին
վրայ
կը
ծանրանար
պետական
ստիպումը,
թէ
նայեաց
ի
ժողովուրդ
քո,
զի
ամենեքին
հպատակ
լիցին
քեզ,
եւ
զոչ
հնազանդեալս
յղեա
առ
իս
(
ՉԱՄ.
Գ.
807):
Այս
ալ
վկայողը
նոյնիսկ
իրենցմէ
է:
1958.
ՇՂԹԱՅԱԿԻՐԻՆ
ԱՆՈՒՐԸ
Երուսաղէմի
աթոռին
վրայ
Շղթայակիր
իր
գործունէութիւնը
առջեւ
կը
տանէր,
երբոր
Կ.
Պոլսոյ
մէջ
եպիսկոպոսական
ձեռնադրութիւններ
կը
կատարուէին
(§
1948),
եւ
Երուսաղէմի
կանոնադրութիւնները
կը
հաստատուէին
(§
1950):
Շղթայակիրը
տակաւին
վիզին
վրայ
կը
կրէր
այն
երկաթեայ
անուրը,
զոր
1718-ին
անցուցած
էր
Երուսաղէմի
գերեսարաս
կացութիւնը
շօշափելի
կերպով
պատկերացնելու
համար
(§
1926):
Ութն
տարիներ
անցեր
էին
այն
օրէն,
եւ
Կոտանդնուպոլսոյ
մէջ
Երուսաղէմի
ազատութիւնը
կը
հռչակուէր
Հաննայի
բերած
նպաստաւոր
տեղեկութիւններով,
եւ
Երուսաղէմի
ապագան
ապահովող
կանոններով:
Այլեւս
անուրը
իր
նշանակութիւնը
չունէր,
եւ
իզուր
Շղթայակիրը
տապիւր
եւ
տագնապիւր
վասն
երկաթոյն
զոր
ի
պարանոցի
իւրում
կրէր
(
ՀՆՆ.
154),
եւ
այս
մասին
հարկաւ
Հաննա
ալ
սրտաճմլիկ
տեղեկութիւններ
տուած
էր:
Ասոր
վրայ
սրբազան
կաթողիկոսն
եւ
մեծապատիւ
պատրիարքն
որոշեցին
Գրիգորը
ստիպել
երկաթը
վիզէն
հանելու,
վասն
որոյ
զնամակ
իմն
սիրոյ
գրեցին
նմա,
հանդերձ
ամենայն
ժողովրդովք,
եւ
բազմազան
աղերսանօք
աղաչեցին,
զի
հանցէ
զերկաթն
ի
պարանոցէն
իւրմէ:
Չմոռցան
այդ
առթիւ
յատուկ
նուիրատուութիւն
մըն
ալ
յղել
Երուսաղէմ,
եւ
նամակին
հետ
եդին
արդիւնաւոր
զիմտատիէս,
եւ
յայտարարեցին
թէ
քանի
որ
պարտքերը
կը
ջնջուին
եւ
աթոռը
կը
շքեղազարդուի,
այլեւս
ոչ
է
ճահ
զի
սրբազանն
այն`
ի
մէջ
սոյն
երկաթեայ
անրոյն
չարչարիցի
(
ՀՆՆ.
155):
Նամակն
ու
նպաստը
սովորաբար
Հաննայի
գրութեամբ
Երուսաղէմ
ղրկուած
կ՚ըսուի
(
ԱՍՏ.
Բ.
10),
սակայն
մեր
տեսութեամբ
յարմարագոյն
է
Հաննայի
ձեռօք
տարուած
ըսել,
երբ
Երուսաղէմ
կը
դառնար
(§
1951),
եւ
կարծես
թէ
ինքն
Հաննա
ալ
իբր
եղելութեան
ներկայ
եւ
ականատես
մը
կը
գրէ,
թէ
Շղթայակիրը
մինչ
ետես
զգիրն
ողջունի,
բազում
արտասւօք
եհան
զերկաթն
ի
պարանոցէ
իւրմէ
(
ՀՆՆ.
155):
Հարկաւ
հանելու
գործողութիւնն
ալ
նոր
նեղութեան
մը
պատճառ
եղած
պիտի
ըլլայ,
աղխիւք
ամրագունիւք
փակուած,
եւ
ութը
տարիէ
իվեր
քրտինքով
ժանգոտած
օղակը
բանալու
եւ
վերցնելու
համար,
զոր
ուխտելով
ընդ
Աստուած
անցուցած
էր
ոչ
հանել
ի
պարանոցէն
իւրմէ
(
ՀՆՆ.
145),
եւ
անշուշտ
կատարեալ
խղճմտութեամբ
անշարժ
պահած
էր
մինչեւ
վերջին
օրը:
Գրիգոր
Շղթայակիր`
երբ
կաթողիկոսին
եւ
պատրիարքին
եւ
ժողովուրդին
նամակին
կը
համակերպէր,
գիր
մըն
ալ
կը
գրէր
զի
շնորհակալ
լինիցի:
Իսկ
անցելոյն
յիշատակն
ալ
յաւերժացնելու
համար,
Սուրբ
Սինա
անունով
սեղան
մը
կը
կանգնէր
Սուրբ
Էջմիածին
փոքրիկ
եկեղեցւոյն
մէջ,
ի
յիշատակ
ազգիս
Հայոց
(
ՀՆՆ.
156),
եւ
վիզին
կրած
անուրը
կը
զետեղէր
ի
սիւնս
նորա
(
ԱՍՏ.
Բ.
10):
Շղթայակիրին
անուրը
օղակաւոր
շղթայ
մըն
է
եղած,
բաւական
ծանր,
զոր
ամրացուցած
է
վիզին
շուրջը,
եւ
ետքէն
դրած
Սուրբ
Սինա
սեղանին
ներքեւ
եղած
սիւնակին:
Այնտեղ
մնացած
է
մինչեւ
վերջին
դարուն
կէսերը,
եւ
այժմ
իբր
թանկարժէք
առարկայ
մը
կը
պահուի
Ս.
Յակոբեանց
տաճարին
գանձարանը:
1959.
ԾՌԱԶԱՏԻԿԻ
ԽՆԴԻՐ
Շղթայակիրին
նորանոր
ձեռնարկներէն
յիշատակութեան
արժանի
են
Ս.
Յակոբայ
եկեղեցւոյն
նորոգութիւնը,
որուն
հրամանագիրը
Կոլոտ
պատրիարք
1727-ին
ստացաւ,
եւ
Շղթայակիրին
ղրկեց
Սեղբեստրոս
Երեւանենց
Ակնեցի
իշխանին
հետ,
որ
հրովարտակին
ստացութեան
ալ
աշխատած
էր
(
ՀՆՆ.
161),
իբր
թարգման
Անգղիոյ
դեսպանատան
եւ
իբր
պաշպազիրկեան
եպարքոսութեան
(
ԱՍՏ.
Բ.
13):
Սեղբեստրոս,
որ
եւ
Սեղբոս
ամիրա,
նոյնչափ
բարեպաշտ
որչափ
մեծահարուստ,
մեծամեծ
բարերարութիւններ
կատարեց
Երուսաղէմի
մէջ,
ուր
իբրեւ
երկու
տարի
մնաց
եւ
միշտ
յօգուտ
աթոռին
աշխատեցաւ:
Ս.
Փրկիչ
վանքին
ջուրի
խնդիրն
ալ
մեծամեծ
նեղութեանց
պատճառ
կ՚ըլլար
Հայերուն,
որուն
համար
Գրիգոր
պատրիարք
շատ
աշխատեցաւ,
եւ
արքունական
հրաման
ալ
հանել
տուաւ
Կոլոտի
ձեռքով,
որով
պահ
մը
կացութիւնը
մեղմացաւ
(
ԱՍՏ.
Բ.
15):
Ծռազատիկի
տարբերութիւնը
1729-ին
ալ
տեղի
պիտի
ունենար,
եւ
կանուխէն
սկսան
Հայերուն
եւ
Յոյներուն
բանակռիւները,
որոնք
նորէն
ձախող
արկածներ
գուշակել
կու
տային:
Շղթայակիրը
ժամանակին
բանակցութեան
մտաւ
Յոյներուն
փոխանորդ
Մելետիոսի
հետ,
զի
Քրիսանթոս
պատրիարք
Ուլահաց
երկիրը
կը
գտնուէր:
Գրիգոր
առաջարկեց
կանուխէն
կերպ
մը
մտածել
որ
Հայերուն
եւ
Յոյներուն
շփումները
արգելուին
զատկին
առթիւ,
եւ
այս
նպատակով
յարմար
դատեց,
որ
Յոյներուն
զատկին
Հայեր,
եւ
Հայերուն
զատկին
Յոյներ
Ս.
Յարութեան
տաճարը
մտնելէ
արգելուին:
Առաջարկը
ընդունելի
դատուեցաւ,
Քրիսանթոս
պատրիարք
ալ
1728
նոյեմբեր
8-ին
Պուքրէշէ
գրած
նամակովը
հաւանութիւն
յայտնեց
Կոլոտին
(
ԱՍՏ.
Բ.
18),
որուն
դիմում
եղած
էր
բանակցութիւնները
լրացնելու
Յոյներուն
հետ,
եւ
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարք
Պայիսիոսի
հետ
ալ
համաձայնութիւն
հաստատել:
Ասոնց
ալ
հաւանութեամբ
առաջարկը
պետական
հաստատութեան
ենթարկուեցաւ,
եւ
Կ.
Պոլիսէ
յատուկ
պետական
պաշտօնեայ
ալ
ղրկուեցաւ
Երուսաղէմ,
գործադրութեան
հսկելու
համար:
Այս
նախահոգ
զգուշութեանց
շնորհիւ
1729
ապրիլ
6-ին
Յունաց,
եւ
ապրիլ
13-ին
Հայոց
զատիկները,
նախընթաց
Չարչարանաց
օրերն
ու
Ճրագալոյցի
լուսահանութիւնը
խաղաղ
կատարուեցան
եւ
չեղեւ
ինչ
վէճ
կամ
խռովութիւն
(
ԱՍՏ.
24):
Ուստի
անհիմն
զրոյցի
արձագանգ
է
ոմանց
գրելը,
թէ
եղեն
մեծամեծ
աղմուկք,
եւ
սպանան
երկուք
ի
Հայոց,
եւ
երկու
եւս
ի
Յունաց
(
ՉԱՄ.
Գ.
804):
Ամէն
բան
աւարտելէն
ետքը,
ուխտաւորութենէ
դարձող
Յոյներու
թելադրութեամբ
վէճեր
տեղի
ունեցած
են
Կ.
Պոլսոյ
մէջ,
եւ
Հայերու
դէմ
ամբաստանութիւններ
եղած,
եւ
կառավարութեան
միջամտութիւնը
հրաւիրուած,
եւ
Կեսարիոյ
մէջ
գրգռութիւններ
յուզուած,
եւ
շրջակայ
քաղաքները
տարածուած:
Բայց
Կոլոտի
միջամտութեամբ
եւ
կառավարութենէ
ստացած
հրովարտակներով
խնդիրները
փակուեցան,
եւ
Հայեր
ու
Յոյներ
սկսան
նորէն
վարիլ
սիրով
եւ
խաղաղութեամբ
ընդ
միմեանս
(
ԱՍՏ.
Բ.
28):
Շղթայակիրը
իր
գիրերով
եւ
յորդորներով
նպաստած
է
միջադէպին
լուծուելուն,
որ
Երուսաղէմի
մէջ
մեծ
ազդեցութիւն
չունեցաւ,
զի
եղելութիւններ
հոն
յայտնի
էին:
Շղթայակիր
Լատիններու
հետ
ալ
վէճեր
ունեցաւ
Պատանատեղւոյն
եւ
Իւղաբերից
սեղանին
կիրառութեան
եւ
զարդերուն
պատճառով,
բայց
յաջողեցաւ
դատաստանով
հաստատել
տալ
Հայոց
իրաւունքները,
եւ
նորոգել
սեփականութեանց
եւ
ստացութեանց
վաւերագիրերը
(
ԱՍՏ.
Բ.
29):
Այս
խնդիրներն
ալ
տեղի
ունեցան
1730-ին:
1960.
ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ԱԹՈՌ
Կիլիկիոյ
աթոռը
մտադրութեան
արժանի
եղելութիւններ
չներկայելուն,
բաւական
ատեն
է,
որ
մեր
տեսութենէն
վրիպեցաւ:
Վերջին
անգամ
յիշեցինք
Մատթէոս
Սարիի
կաթողիկոսանալը
(§
1829),
որ
եօթը
տարի
աթոռը
գրաւելէ
ետքը
լքած
եւ
Կ.
Պոլիս
եկած
էր
1701-ին,
զի
Պետրոս
Բերիացի
կրցեր
էր
Բերիոյ
մէջ
Դաւիթ
եւ
Ազարիա
Կարկառեցիներուն
կազմած
հակաթոռութիւնը
վերանորոգել,
եւ
Մատթէոս
Սսոյ
մէջ
մասնակի
կաթողիկոսութիւն
վարելէ
աւելի,
հակաթոռը
ընկճելու
համար
Կ.
Պոլիս
էր
եկած
(§
1856):
Հոն
նորանոր
ձգտումներ
յղացաւ
եւ
Կիլիկեան
մոռցաւ,
թէպէտեւ
յաջողութիւն
չգտաւ,
եւ
մինչեւ
ուրացութեան
ստիպուեցաւ
(§
1887):
Պետրոս
Բերիացին,
որ
Պիծակ
ալ
կոչուած
է,
պահ
մը
ինքզինքը
Կիլիկիոյ
կաթողիկոս
կարծեց
Մատթէոսի
հեռանալովը
եւ
Սսոյ
աթոռին
անտէրունջ
մնալովը,
սակայն
երբոր
Մատթէոսի
բացակայութիւնը
երկարեցաւ
եւ
դառնալուն
յոյսը
կտրուեցաւ,
Սսոյ
միաբանք
եւ
ժողովուրդք
նոր
կաթողիկոսի
ընտրութեան
ձեռնարկեցին,
եւ
1705-ին
Կիլիկիոյ
օրինաւոր
կաթողիկոս
հռչակուեցաւ
Յովհաննէս
Հաճընցի,
եւ
Պետրոսի
հակաթոռութիւնը
աւելի
շեշտուեցաւ,
միայն
թէ
նա
շարունակեց
Բերիոյ
մէջ
պաշտօնավարել:
Յովհաննէս
զայն
չկրցաւ
ընկճել
եւ
անուղղակի
կերպով
վերանորոգուեցաւ
Խաչատուր
Սեբաստացիի
եւ
Դաւիթ
Կարկառեցիի
ժամանակ
տեղի
ունեցած
բաշխումը
(§
1753):
Որոշ
չէ
թէ
որչափ
ատեն
եւս
շարունակեց
Պետրոս
Բերիոյ
աթոռին
վրայ.
մենք
յիշեցինք
որ
1708-ին
Մելքոն
Թասպասեանին
(
ԱՂՔ.
Գ.
11),
եւ
1710-ին
Աբրահամ
Արծիւեանին
(
ԱՂՔ.
Գ.
57)
եպիսկոպոսական
աստիճան
տուաւ,
եւ
ոմանք
մինչեւ
1712
կը
յերկարաձգեն
անոր
ատենը,
Բերիոյ
հակաթոռ
կաթողիկոսութեան
մէջ
(
ԱՂՔ.
Գ.
11):
Իսկ
ուրիշներ
կը
բաւականանան
անոր
մահը
յիշելով
1728-ին
Երուսաղէմի
մէջ
(09.
ՕՐԱ.
234),
որ
կը
ցուցնէ
թէ
Յովհաննէս
յաջողեցաւ
զայն
Բերիայէ
հեռացնել:
Եւ
եթէ
կաթոլիկ,
կամ
լաւ
եւս
կաթոլիկամիտ
մըն
ալ
եղաւ
երբեմն,
ինչպէս
հռոմէականք
կը
սիրեն
պնդել,
վերջէն
իր
հայադաւանութեան
մէջ
հաստատուած,
եւ
այնպէս
մեռած
կ՚ըլլայ
Երուսաղէմի
վանքը,
ուր
հռոմէականութիւն
չկրցաւ
մուտ
գտնել,
եւ
ուր
միշտ
վառ
էին
Լատիններու
հետ
մրցումն
ու
հակառակութիւնը:
Յովհաննէս
Հաճընցին
իր
աթոռը
պահեց
մինչեւ
իր
մահը
1721
դեկտեմբեր
(
ՍԻՍ.
217),
եւ
կեղակարծ
կը
դառնայ
ոմանց`
Հաճընցին
գահընկէց
եղած
կարծելը
(
ԴՒԹ.
54):
Անոր
անմիջապէս
յաջորդեց
Սսոյ
մէջ
Գրիգոր
Կեսարացին,
մականուանեալ
Ուղուրլու,
որուն
1727-ին
կը
յաջորդէ
Յովհաննէս
դարձեալ
Հաճընցի,
Տէր-Ադամ
մականուանեալ,
որ
մինչեւ
1731
առանձինն
կը
պահէ
աթոռը,
եւ
անկէ
ետքը
իրեն
աթոռակից
մը
կ՚առնէ:
Այս
վերջին
կաթողիկոսներու
թուականները
տարբեր
կերպով
նշանակողներ
ալ
կան,
եւ
Յովհաննէս
Հաճընցին
1719-ին,
Գրիգոր
Կեսարացին
1727-ին
եւ
Յովհաննէս
Տէր-Ադամը
1730-ին
պաշտօնի
անցած
կը
ցուցնեն
(
ՍԻՍ.
219),
բայց
նախադասելի
պիտի
համարուի
Կիլիկեան
աղբիւրներու
վրայ
վերջին
ատեններ
կազմուած
ցուցակը
(09.
ՕՐԱ.
234):
Մանաւանդ
որ
Կեսարացին
1727-ին
աթոռ
բարձրացած
ըսողն
ալ,
նախապէս
յառաջ
բերած
է
Հաճընցիին
տապանագիրը,
որուն
մէջ
1721
դեկտեմբերին
կը
դրուի
անոր
մահը
(
ՍԻՍ.
217):
Սսոյ
մասին
ուրիշ
պատմական
տեղեկութեանց
պակսած
ատեն,
պիտի
գոհանանք
լոկ
յաջորդութեանց
կարգը
յառաջ
բերելով:
1961.
ԱՂԹԱՄԱՐԻ
ԱԹՈՌ
Աւելի
նուազ
են
Աղթամարի
կաթողիկոսութեան
պատկանող
լուրերը,
եւ
նոյնիսկ
Հաւաքարանն
ալ,
որ
անստոյգ
բաներ
ալ
արձանագրելէ
չի
քաշուիր,
անուններէ
աւելի
բան
մը
յառաջ
չի
բերեր:
Վերջին
անգամ
յիշեցինք
Թովմաս
Հերիճցին,
որ
Եղիազարի
հպատակելէն
ետքը`
Նահապետին
դէմ
էր
ելած,
եւ
անկէ
ձեռնադրուած
Աւետիսը
մերժած,
եւ
իր
կենդանութեան
Սահակ
Արծկեցին
յաջորդ
օծած,
որ
Պարոնտէր
ալ
կոչուած
է
(§
1828):
Իրօք
ալ
Սահակ
յաջորդութեան
անցաւ
երբ
Թովմաս
վախճանեցաւ
1698-ին,
եւ
Աւետիսի
ճիգերը
օգուտ
չունեցան:
Սահակ
հազիւ
թէ
տարին
բոլորեց,
զի
1699-էն
իբրեւ
կաթողիկոս
կը
յիշատակուի
Յովհաննէս
Կայծակ,
կամ
տեղական
հնչմամբ
Կէծուկ,
եւ
անոր
ալ
1705-ին
կը
յաջորդէ
Հայրապետ
Փայխեցի,
Թովմասի
քեռորդին,
այրի
երիցութենէ
շուշտակ
վարդապետութեան
անցած:
Հայրապետէ
ետքը
թուականներու
յիշատակներն
ալ
կը
պակսին,
եւ
Հաւաքարանը
կը
շատանայ
լոկ
անուններու
ցանկ
մը
տալով,
որք
են
Յովհաննէս
Հայոցձորեցի,
Գրիգոր
Գաւաշեցի,
Ղազար
Մոկացի`
Առաքինի
կոչուած,
Գրիգոր
Խիզանցի`
Ազնուազարմ
ըսուած,
եւ
Պաղտասար
Բաղիշեցի,
որուն
մահն
ալ
կը
դնէ
1730-ին
(00.
ԲԻԶ.
1198),
սակայն
ուրիշներ
կեանքը
մինչեւ
1736
կ՚երկարեն,
եւ
մինչեւ
1743
յիշատակութիւններ
տեսած
են
(09.
ՕՐԱ.
287),
որոնք
մեզի
ծանօթ
չլինելուն
բաղդատելու
եւ
ստուգելու
միջոցը
չունինք:
Աղթամարի
կաթողիկոսներուն
տաճկահպատակ
սահմանին
մէջ
գտնուիլը,
եւ
Թովմասի
օրէն
արծարծուած
Էջմիածինի
դէմ
հակառակութեան
հոգին,
դիւրութիւն
կու
տային
անոնց,
իրենց
ազդեցութիւնը
տարածել
Վասպուրականի
եւ
Աղձնիքի
մէջ
գտնուող
վիճակներու
վրայ,
միշտ
շարժուն
եւ
ծփուն
կացութեան
մէջ,
որով
շարունակ
փոփոխական
կը
դառնար
Աղթամարի
աթոռին
իրաւասութեան
սահմանը:
Օսմանեան
մայրաքաղաքի
հեռաւորութիւնն
ու
յարաբերութեանց
դժուարութիւնը`
Կոստանդնուպոլսոյ
պատրիարքութեան
հետ
ալ
առնչութեան
արգելք
կ՚ըլլային,
այնպէս
որ
ոչ
մի
յիշատակ
եւ
ոչ
մի
դիպուած
չենք
գտներ,
որ
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքները
Աղթամարով
զբաղած
ըլլան,
մինչ
շարունակ
շփման
մէջ
էին
Կիլիկիոյ
հետ:
Այսպէս
Աղթամար
կղզիացեալ
եւ
մոռացեալ
կացութիւն
մը
ունէր,
եւ
իր
իրաւասութեան
գաւառներն
ալ
ոչ
մի
նպաստաւոր
հանգամանք
չներկայելուն,
աթոռն
ալ
շարունակեալ
անկման
ճանբուն
մէջ
կը
յառաջէր:
1962.
ՍԱՀԱԿ
ԲՐՈՒՏԵՑԻ
Այստեղ
ալ,
ինչպէս
նախընթաց
անգամներ,
յիշենք
այդ
միջոցներուն
կատարուած
նահատակները,
որոնք
եկեղեցւոյ
եւ
հաւատոյ
ոչ
միայն
պարծանք
են,
այլեւ
անոր
սրբութեան
եւ
ուղղութեան
վկաներ:
Վերջին
տարիներուն
մէջ
նուազ
են
մեզի
հասած
յիշատակները,
այլ
նուազ
չենք
կարծեր
նահատակներուն
թիւը,
եւ
ո՜
գիտէ
որչափներ
այդ
գովելի
վկայութիւնը
տուին`
Հայաստանի`
վայրագ
հրոսակներէ
եւ
անզուսպ
բանակներէ
ոտնակոխ
եղած
ժամանակները:
Սահակ,
17
տարեկան
պատանի
մը,
բնիկ
Գողթն
գաւառի
Բրուտ
գիւղէն,
որ
Բեհրուտ
կամ
Բեխրուտ
ալ
կը
գրուի
(
ՍԻՍ.
345),
առեւտուրի
նպատակով
կու
գայ
Ազախ
քաղաքը,
որ
է
Ազովը,
Տօնի
կամ
նախնեաց
Տանայիսի
գետաբերանը,
ոչ
շատ
հեռի
այժմեան
Նոր-Նախիջեւանէն:
Պատանիին
գեղեցկութիւնը
Թուրքերու
կիրքը
կը
գրգռէ,
եւ
երբ
չեն
կրնար
հրապուրել,
բռնութեամբ
կը
մտածեն
յաղթել,
եւ
սուտ
վկաներով
դատաւորին
կ՚ամբաստանեն,
թէ
խոստացաւ
իսլամանալ,
եւ
այժմ
կը
դիմադրէ:
Այդ
զրպարտութեամբ
Սահակ
1715
հոկտեմբերի
սկիզբները
դատաւորին
ատեանը
կը
հանուի,
եւ
զրպարտութիւնը
մերժելուն
եւ
քրիստոնէութիւնը
դաւանելուն
համար
կը
բանտարկուի:
Երեք
օր
ետքը
իշխանին
ատեանը
կը
հանուի,
ուր
միեւնոյն
հաստատամտութիւնը
ցուցնելուն,
նորէն
կը
բանտարկուի
եւ
եօթն
օր
անսուաղ
կը
թողուի,
ամէն
օր
ահացնելու
նոր
միջոցներ
գործածելով:
Վերջէն
կը
չարչարուի
ալ
(
ՆՈՐ.
555),
եւ
առաւօտուն
մեծ
ատեան
կը
կազմուի
զօրավարին
առջեւ,
հրապոյրներ
ու
ողոքանքներ
ու
սպառնալիքներ
առատապէս
կը
գործածուին,
եւ
վերջապէս
գլխատման
վճիռը
կը
տրուի,
եւ
դահիճը
կը
տիրանայ
Սահակի:
Կը
մերկացնէ,
եւ
ձեռուըները
ետեւ
կապած
գլխատման
տեղը
կը
տանի.
բայց
զգածուելով
եւ
յուզուելով
անգամ
մը
Սահակի
թիկունքին,
անգամ
մըն
ալ
ուսին
կը
զարնէ,
եւ
վերջապէս
զօրավարին
հրամանով
ոչխարի
պէս
զայն
կը
զենու:
Նահատակութեան
օրն
է
1715
հոկտեմբեր
17,
Խաչի
վեցերորդ
երկուշաբթին:
Մարմինը
կը
հրամայուի
Տօն
գետին
մէջ
նետել,
բայց
քրիստոնեայք
կը
յաջողին
դրամս
բազումս
տալով
թաղման
արտօնութիւն
ստանալ
(
ՆՈՐ.
557):
1963.
ՍԱՄՈՒԷԼ
ՄԱՆԻՍԱՑԻ
Սահակ
Բրուտեցի
նահատակէն
զատ
պիտի
յիշենք
նաեւ
Սամուէլ
Մանիսացին,
Եղիա
քահանայի
որդին,
որին
տապանագիրը
կ՚ըսէ
թէ
ջերմեռանդ
հաւատով
գլխատեցաւ
Զմիւռնիոյ
մէջ
(
ՔՕՍ.
Ա.
89),
եւ
ուրիշ
պարագայ
չի
յիշեր:
Տապանագիրը
նահատակութեան
օրը
կը
դնէ
1723
յուլիս
15
երեքշաբթի,
որ
տոմարով
չ՚արդարանար,
եւ
հարկաւ
կամ
փորագրողին
կողմէ
շփոթութիւն
եւ
կամ
արտատպողին
կողմէ
հայկական
թուատառերու
մասին
թիւրիմացութիւն
մը
մտած
է,
զոր
դիւրութեամբ
ալ
ուղղել
չենք
կրնար,
զի
նմանաձեւ
տառերու
դիմաց
ալ
չենք
գտնուիր:
Ուստի
կը
բաւականանանք
1723
յուլիս
15-ը
պահելով,
երկուշաբթի
ըսել
նահատակութեան
օրը,
գուցէ
երեքշաբթին
թաղման
օրը
ըլլալով
շփոթութեան
պատճառ
տուաւ:
Սոյն
միջոցին,
1730
եւ
1735
տարիներու
մէջերը,
դրած
էին
ոմանք
Խանում
Վաղարշակերտացիին
վկայութիւնը
(
ՆՈՐ.
566),
այլ
ստուգագոյն
աղբիւրներ
1755-ին
դնելուն
(
ՆՈՐ.
562),
ուրիշ
առթի
կը
թողունք
անոր
յիշատակութիւնը: