Ազգապատում. հատոր Բ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ՍԱՐԳԻՍ Դ. ՎՐԱՍՏԱՆՑԻ

1538. ՅԱՋՈՐԴԵԼՈՒՆ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐԸ

Զաքարիայի յաջորդը եղած է Սարգիս, զոր Դավրիժեցին կը նշանակէ 1520-ին տէր Սարգիս եւ 1523-ին նոյն տէր Սարգիս կոչմամբ, իսկ յաջորդ կաթողիկոսի անունը կը յերկարաձգէ մինչեւ 1536 ( ԴԱՎ. 337): Ասկէ քաղելով ընդունուած է սոյն Սարգիսի կաթողիկոսութիւնը դնել 1520-էն 1536, ըստ որում կը դնէ Երեւանեցին ալ ( ՋԱՄ. 20). եւ պէտք է նոյն կերպով պահել, քանի որ ոչ մի տարբեր յիշատակութիւն չ՚ստիպեր զայն փոփոխել: Համանուն Սարգիսներու իրարու քիչ հեռաւորութեամբ յաջորդելը, առիթ եղած է ոմանց անոնք նոյնացնելու, ինչպէս Բ. եւ Գ. Սարգիսներու վրայ յիշեցինք ( § 1507), եւ այս տեղ ալ Գ. եւ Դ. Սարգիսներու վրայ նոյնութեան կասկած մը կը յարուցանէ Ալիշան ( ԱՐՐ. 230), սակայն հիմնական չ՚երեւիր իր կարծիքը: Դավրիժեցին ճշդաբան է նոյն բառը աւելցնելու, երբ միեւնոյն անձին անունը կը կրկնէ, եւ այդ յաւելուածը չունի Զաքարիայէ առաջ եւ ետքը եղող Սարգիսներու վրայ, եւ մենք պիտի չուզենք բաժնուիլ Դավրիժեցիին տեղեկութիւններէն: Միւս կողմէն Սարգիս Գ. 1476-էն աթոռակից կաթողիկոս եղած գիտենք, եւ ներկայ Սարգիս Դ. մինչեւ 1536 շարունակած, եւ եթէ նոյն ըլլային 60 տարի շարունակ կաթողիկոսութիւն վարած անձ մը պիտի ունենայինք, որ հաւանական չէ, ենթադրելի չէ, եւ ըսուած ալ չէ, ինչ որ հնար չըսուէր, եթէ իրօք այսպիսի տարօրինակ պարագայ մը ճշմարտուած ըլլար: Աւելցնենք եւս որ անմեկնելի կը մնայ, ծերացեալ կաթողիկոսի մը 35 տարի առանձնացած Վրաստանի մէջ ապրելէ ետքը, նորէն աթոռ դառնալով 16 տարի եւս պաշտօն վարելը, ինչ որ եղած պիտի ըլլար եթէ Գ. եւ Դ. Սարգիսներու նոյնացնելու դրութիւնը ընդունուէր: Հետեւաբար պէտք է առանց պատմութիւնը բռնաբարելու Բ. եւ Գ. եւ Դ. Սարգիսները իրարմէ զատել, զորս Աջատար եւ Միւսայլ եւ Վրաստանցի մակդիրներով որոշեցինք: Դավրիժեցիէն նշանակուած չենք գտներ վերջին Սարգիսի հետ աթոռակից եղողի մը անունը, եւ թէպէտ այս միջոցին Էջմիածին առանց աթոռակիցի չէր մնար, սակայն անհաւանական չենք կարծեր ըսել, որ Սարգիս Վրաստանցին, Էջմիածնի միաբանութենէ հեռի ապրած անձ մը ըլլալով, պահ մը ուզած ըլլայ միայնակ պաշտօնավարել: Սարգիսի գործունէութենէն ալ յառաջ բերելիք կէտ մը չունինք, դուրսէն աղէտք եւ արկածք, ներսէն տկարութիւն եւ շփոթութիւն, չէին ներեր որ Էջմիածնի գահակալները, ուզելով ալ, կարենային ձեռներէց եւ արդիւնաւոր գործունէութիւն մը ունենալ եւ բոլոր արժանիքնին պէտք է ամփոփենք աթոռի գոյութիւնը պահպանելու եւ վերահաս վտանգները հեռացնելու ջանքերուն մէջ:

1539. Կ. ՊՈԼԻՍ ԵՒ ՍԻՍ

Կոստանդնուպոլսոյ մէջ սուլտան Սէլիմ մեռած էր 1520 սեպտեմբեր 22-ին եւ իրեն յաջորդած սուլտան Սիւլէյման Ա. Քանունի, այսինքն է Օրէնսդիր, Օսմանեան գահուն ամէնէն բարձր եւ հոյակապ վեհապետը: Իր գահակալութիւնը սկսաւ գթութեան եւ արդարութեան գործերով, եւ ուղղելով հօրը բռնակալ անգթութիւնները, 1521 յունուար 27-ին զսպեց Ասորիքի ապստամբութիւնը, օգոստոս 29-ին Պելկրատը առաւ Հունգարացիներէն, եւ 1522 դեկտեմբեր 25-ին Հռոդոսը` ասպետներուն ձեռքէն, երբ Լատիններ անփոյթ էին Արեւելքին օգնելու: Փրանկիսկոս Ա. Գաղղիոյ թագաւորը եւ Կարոլոս Ե. Գերմանիոյ կայսրը իրենց ներքին գժտութիւններով կը զբաղէին, եւ Լեւոն Ժ. պապ նորաղանդութեան դէմ կը պայքարէր: Այդ միջոցներուն, 1523-ին, կը մեռնէր Պարսից շահ Իսմայէլը, եւ իրեն կը յաջորդէր Թահմասպ կամ Թահմազ շահ, որուն մասին գովութեամբ կը խօսին մեր պատմիչները ( ԶԱՔ. Ա. 10): Մեր նպատակը չէ Սիւլէյմանի քաջութեանց շարքը պատմել, որ մինչեւ Վիէննա հասաւ իր բանակներով, թէպէտ 1529 հոկտեմբեր 14-ին, ձմեռն ալ վրայ հասնելուն պարտաւորուեցաւ պաշարումը վերցնել եւ ետ դառնալ: Մեր պատմութեան կարգին համար յիշենք միայն, 1526-ին վերջերը, Կիլիկիոյ Իչիլի գաւառին գրաւուիլը, եւ 1527-ին Գարամանցիներու ապստամբութեան Օսմանցիներէ ընկճուիլը, բայց Սիս Տարսոն, Ատանա եւ ուրիշ Կիլիկիոյ քաղաքներ մեծամեծ վնասներ կրեցին, եւ Կիլիկիոյ Հայութիւնը մասնակից եղաւ պատերազմի աղէտներուն, որոնք վայրագօրէն մղուեցան երկու կողմերէն: Թլկուրանցի Յովհաննէս Բ. կաթողիկոսը 1525-ին մեռած ըլլալով ( § 1525), իր յաջորդ Յովհաննէս Գ. Քիլիսցիին օրերուն կ՚իյնան այդ պատերազմական աղէտները: Իսկ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, Նիկողայոսի ( § 1509) պատրիարքութիւն վերջացաւ 1489-ին, հարկաւ իր մահուամբ, վասնզի այն ատեն տակաւին չէր ճշմարտուեր առաջիկային սովորական դարձած փոփոխականութիւնը: Իրեն յաջորդեցին Կարապետ 1489-է 1509, եւ Մարտիրոս մինչեւ 1526, որոնց գործերը անծանօթ մնացած են յիշատակներու պակասութեամբ: Մարտիրոսի օրերուն կիյնայ Կոստանդնուպոլսոյ հայաբնակութեան մէջ Թաւրիզեցի` կամ ընդհանրապէս Պարսկաստանցի տարր մըն ալ աւելնալը, զորս Սէլիմ փոխադրեց 1514-ին Շահ Իսմայէլի վրայ տարած յաղթութենէ ետեւ ( § 1534), եւ որոնց մէջ շատ էին արհեստաւոր եւ արհեստագէտ Հայազգիներ ( ՉԱՄ. Գ. 511): Մարտիրոսէ ետքը 1526-ին Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեան անցաւ Գրիգոր Վաղարշապատցի, Զաքարիա Բ. կաթողիկոսի եղբօրորդին: Գրիգորի ծագումը կը հաստատէ կանուխէն դիտել տրուած կէտը թէ Կոստանդնուպոլսոյ աթոռը, որչափ ալ առաջները Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հետ յարաբերութեան մէջ կը գտնուէր, սակայն հետզհետէ թէ արեւելցի հայաբնակութեան շատնալովը, եւ թէ Էջմիածինի վիճակներէն լաւ մաս մը Օսմանեան կայսերութեան կցուելովը, Էջմիածինի աթոռին հետ յարաբերութիւններ ընդարձակուեցան, եւ հետզհետէ անոր իրաւասութեան հետ կապուեցաւ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութիւնը ( § 1509): Այդ տեսակէտէն շատ նշանակալից է Վաղարշապատցի եւ կաթողիկոսի եղբօրորդի եւ Էջմիածնի միաբան եպիսկոպոսի մը պատրիարքութեան ընտրուիլը:

1540. ՍԱՐԳԻՍԻ ՄԱՀԸ

Պատերազմի աղէտները Հայաստանի մէջ նորոգուեցան Սարգիսի վերջին տարիներուն: Սուլտան Սիւլէյման փութաց արեւմուտքի կողմէն պատերազմները վերջացնել, որ Պարսիկներուն հետ նորոգէ, վասնզի մինչ Զիւլֆիքար խան` Պաղտատի պարսիկ կուսակալը` կը խոստանար Օսմանեանց յանձնել քաղաքը, Շէրիֆ պէյ` Բաղէշի Օսմանեան կուսակալը` իր քաղաքը Պարսիկներուն կը յանձներ: Իպրահիմ փաշա, Սիւլէյմանի սիրելի եւ կարող մեծ եպարքոսը 1572-ին ճամբայ ելաւ հզօր բանակով, Հալէպ ձմերեց, գարնան հետզհետէ գրաւեց Ախլաթ, Արճէշ, Ալճավազ, Վան եւ Ուրմիա, իսկ 1533 յուլիս 13-ին Թաւրիզ մտաւ Սուլտան Սիւլէյման, որ 1533 յունիս 13-ին Կոստանդնուպոլիսէ մեկնած էր, Նիկիա, Կուտինա, Ագշէհիր, Գոնիա, Էրզրում, եւ Արճէշ հանդիպելով, Թաւրիզ մտաւ սեպտեմբեր 20-ին, ուսկից Պաղտատի վրայ քալեց, եւ գրաւեց դեկտեմբեր 31-ին: Բաւական երկար մնաց այն տեղ աշխարհակալութիւնը ընդարձակելու եւ կառավարութիւնը կարգադրելու համար, եւ հազիւ 1534 օգոստոս 2-ին մեկնեցաւ դէպի Թաւրիզ, եւ 1535 յունուարին մայրաքաղաք դարձաւ: Այդ պատերազմներուն հետեւանօք նոր գաւառներ եւ Հայութենէ նոր մաս մը Օսմանեանց անցան, այլ Էջմիածին միշտ Պարսիկներուն ձեռքը մնաց: Յիշենք անցողակի որ 1535 փետրուարին հաստատուեցաւ սուլտան Սիւլէյմանի եւ Գաղղիոյ թագաւոր Փրանկիսկոսի միջեւ պայմանադրութեանց դաշնագիր մը, որով շատ մը արտօնութիւններ եւ ազատութիւններ կը տրուէին Գաղղիացիներուն Օսմանեան հողի վրայ, եւ անոր ծառայած է իբր հիմն եւ նախատիպ այն արտօնեալ եւ ապահարկ կացութեան (Capitulations), զոր Եւրոպացիներ կը վայելեն Օսմանեան կայսրութեան մէջ: Սարգիս կաթողիկոսի մահն ալ այդ միջոցին պիտի հաստատենք 1536-ին, հիմնուելով Դավրիժեցիէն անոր յաջորդին տրուած թուականին ( ԴԱՎ. 337), քանի որ ուրիշ աղբիւր չենք գտներ աւելի ճիշդ ժամանակագրութիւն մը կազմելու, եւ ոչ ալ յատուկ տեղեկութիւն մը մահուան պարագաներուն վրայ: Ինչպէս կը տեսնուի, այդ միջոցին կաթողիկոսներուն անուններէն զատ բան մը չենք կրնար յառաջ բերել, եւ իրենց մասին հաւանական ժամանակագրութիւն միայն կրնանք կազմել, ինչ որ ինքն ըստ ինքեան բաւական է աթոռին անկեալ վիճակը ցուցնելու:

1541. ԲԱՐՈՒՆԱԿ ԱՄԴԵՑԻ

Պատմական յիշատակներու կարգին կը գոհանանք քաղել քանի մը նոր վկաներու յիշատակութիւնները, որչափ որ կը գտնենք կցկտուր յիշատակարաններու մէջ: Բարունակ Ամդեցի, սովորաբար Պուտախ կոչուած, արեւորդի հօր եւ քահանայի դուստր մօր զաւակ մը, եւ Տիարպէքիր բնակող, ախորժ կը զգար Հայոց եկեղեցին յաճախել, եւ Մկրտիչ աբեղայէ մը եւ քահանաներէն ընթերցմունքներուն կը տեղեկանար, եւ աւելի կը հետաքրքրուէր Յայսմաւուրքի վկայաբանութիւններով, եւ հաւատք քարոզելու եւ հաւատոյ համար նահատակուելու եռանդով կը բորբոքէր: Թուրք եւ արաբ եւ պարսիկ լեզուներու հմուտ, այլազգիներու հետ կը տեսակցէր եւ քրիստոնէութիւնը կը բացատրէր, եւ իր ձեռքով աւելի քան զիննսուն այր հաւատացին ի Քրիստոս ( ՆՈՐ. 362): Թէպէտ տունի եւ խանութի տէր էր Բարունակ, բայց ինքզինքը աւելի քարոզութեանց էր տուած, եւ երեք տարիէ հետէ այդ կեանքը կը վարէր, երբ ոմանք զինքը նենգութեամբ շէյխի մը մօտ կը տանին եւ զրոյց կը հանեն թէ տաճկացաւ: Պուտախի հերքելուն վրայ նախ դատաւորին եւ յետոյ կուսակալին առջեւ կը հանեն, երեք օր բանտարկութենէ ետքը, կիրակի օր նորէն ատեան կը բերեն, եւ երկար հարցուփորձէ, եւ հարուածներով եւ հրով փորձելէ ետքը, վիրալից կը բանտարկեն: Միւս օր կրկին դատաստանով եւ սպառնալիքներով կը ստիպեն, եւ անդրդուելի մնալուն վրայ, ոտուըներէն ու ձեռուըներէն ձողի մը կը բեւեռեն, եւ վիզէն շուն մը կը կախեն, եւ չորս կողմը փայտ ու խռիւ դիզելով, եօթը ժամ շարունակ կ՚այրեն, մինչեւ որ մարմինը մոխիր կը դառնայ ( ՆՈՐ. 368): Պուտախի կար Բարունակի նահատակութիւնը դրուած է 1524 յունիս 13-ին ( ՉԱՄ. Գ. 516), որ երկուշաբթի օր մըն է, եւ կը յամարի առաջին ատեանին կիրակի օր տեղի ունենալուն ( ՆՈՐ. 363):

1542. ՈՒՐԻՇ ՎԿԱՆԵՐ

Լոկ անուններով միայն ծանոթ են ուրիշ քանի մը նահատակներ ալ: Կարապետ Մելիտինեցի, Մալաթիոյ եկեղեցւոյն լուսարարը, հրով նահատակուած է 1524-ին իսկ օրը չէ յիշատակուած ( ՉԱՄ. Գ. 516): Թորոս Եդեսացի 1528-ին ( ՉԱՄ. Գ. 516), Հայրապետ Տեւու վանքին աբեղայ 1533-ին ( ՍԱՄ. 176), Թադէոս Սեբաստացի երէց 1534-ին ( ՉԱՄ. Գ. 516), եւ Շանքուռակ գիւղի քահանան ալ 1535-ին, որուն անունը չէ յիշուած ( ՍԱՄ. 176): Ասոնց ամէնուն ալ նահատակութիւնները կրակով կատարուած են: Քիչ մը աւելի տեղեկութիւններ տրուած են Կոկճայ ( ՆՈՐ. 373) կամ Կէօկճան ( ՉԱՄ. Գ. 516) կամ Օգջա Սեբաստացիին վրայ ( ՍԱՄ. 176): Տաճիկ զինուորներ յանկարծակի տունէն հանելով, ատեան կը տանին թէ մեզի քուֆր ասաց ( ՆՈՐ. 373), եւ իսկոյն ուրացութեան կը հրաւիրեն եւ տանջանքներու կը ձեռնարկեն: Ձեռուըներն ու ոտուըները կապելով գետին կը պառկեցնեն, լեզուն կը կտրեն, կը ծեծեն ու կը խոցոտեն, եւ վերջէն հրապարակ տանելով գլխիվայր ցցահար կը կանգնեցնեն եւ քարկոծմամբ կը սպաննեն ( ՆՈՐ. 375): Միայն տարեթիւը յիշուած է 1536-ին եւ կոչուած է ազնուական եւ խօճա ( ՍԱՄ. 176), բայց տաղին մէջ միշտ իբր մանուկ եւ քաջ մանու ներկայացած է, ( ՆՈՐ. 375), որով ազնուազգի երիտասարդ մը եղած ըլլալը կը ստուգուի:

1543. ԳԵՐՄԱՆԻԱ ԲՈՂՈՔԱԿԱՆ

Վերեւ անցողակի ակնարկեցինք թէ Լեւոն Ժ. Հռոմայ պապը զբաղած էր նորաղանդութեան խնդիրներով ( § 1539), որ ընդարձակ տարածում սկսած էին ունենալ, եւ ի դէպ կը դատենք քանի մը խոսք աւելցնել Բողոքականութեան վրայ, որ եթէ ոչ այն ատեն, վերջին ատեններ Հայերուն մէջ ալ մուտ գործեց: Յիշած ենք թէ դարուկէս առաջ Եւրոպիոյ մէջ ազատամիտ վարդապետութիւն մը կը քարոզուէր Վիքլէֆի եւ Հուսի ձեռքով ( § 1431): Ըսողներ կան թէ անոնց վարդապետութիւնը իր արմատն ունէր Պաւղիկեանց աղանդին մէջ, որուն հայկական ծագում ալ կը տրուի ( § 671), եւ որուն հետեւողներ Ասիոյ մէջ ընկճուելէ ետքը Եւրոպա անցան եւ ծագում տուին Բուլղարիոյ Բոգոմիրներուն, Լոնգսբարդեան աղանդաւորներուն եւ Գաղղիոյ Ալբիգեաններուն, որոնց դէմ զինուեցան Դոմինիկեան միաբանութիւնը եւ Հռոմի հաւատաքննութիւնը ( § 1179): Ըստ այսմ վարդապետական խնդիրներ, շարունակեալ գոյութիւն ունեցած էին, երբ յանկարծական ասպարէզ գտան Մարտինոս Լուտերի (Luther) ձեռքով: Երկու գլխաւոր առիթներ շարժումին պատճառ եղան: Յուլիոս Բ. ռազմագէտ եւ քաղաքագէտ անձ մը, 1503-ին պապ ընտրուելով ձեռնարկած էր Գաղիացիները եւ Գերմանացիները Իտալիայէ հեռացնել, եւ իր յաջորդը Լեւոն Ժ. 1516 դեկտեմբեր 19-ին Գաղղիոյ հետ համաձայնութիւն կնքելով, Բիտրուրգիոյ կանոնները ջնջած էր ( § 1432), որով Գերմանիոյ հետ միայն յարաբերութիւններ լարուած կը մնային: Լեւոն Ժ., որ Գեղարուեստից պաշտպան ճանչցուած է, Ս. Պետրոսի Վատիկանեան տաճարին շինութեան միջոցներ հայթայթելու համար, մեղաց եւ ապաշխարանաց լիակատար ներողութեան փոխանակութեամբ նպաստահաւաք ձեռնարկ մը բացած էր, 1517 սեպտեմբեր 13-ի կոնդակով անոր շահագործումը Դոմինիկեան կրօնաւորներուն յանձնելով, մինչեւ անկէ առաջ այդպիսի գործեր Օգոստինեան կրօնաւորներուն իրաւունքն էր եղած: Մարտինոս Լուտեր, Օգոստինեան միաբանութեան կրօնաւոր քահանայ եւ Աստուածաբանութեան ուսուցիչ, իր միաբանութեան իրաւունքը պաշտպանելու ձեռնարկեց, եւ խնդիրը յառաջացնելով, նոյնիսկ դրամով մեղաց ներողութիւն տանելու սկզբունքին դէմ ելաւ, եւ պապական իշխանութեան հիմերը քննութեան ենթարկելով, անոր զեղծումները սկսաւ յանդիմանել: Լուտերի նախաձեռնութիւնը մեծ ընդունելութիւն եւ պաշտպանութիւն գտաւ Օգոստինեաններէ եւ եկեղեցականներէ` իբր սեփական խնդիր, եւ Գերմանացի իշխաններէ եւ ժողովուրդէ` իբր պապերուն հակագերման ուղղութեան ընդդիմութիւն: Մրցումը հետզհետէ աճեցաւ եւ տարածուեցաւ, եւ երբ Լեւոն Ժ. 1520 յուլիս 15-ին Լուտերի 41 նախադասութիւնները, եւ 1521 յունուարին նոյնինքն Լուտերն ալ նզովեց, բողոքականութիւնը հռոմէականութենէ զատուելով ինքնուրոյն կացութեան իրաւունք ստացաւ, եւ ոչ միայն Գերմանիա, այլ ուրիշ երկիրներ ալ արձագանգ տուաւ:

1544. ԲՈՂՈՔԱԿԱՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐ

Գերմանախօս Հելուետիոյ մէջ գլուխ կանգնեցաւ Ուլրիկոս Զուինկլ (Zwingli), Ձիւրիխի (Zurich) աւագերէցը, որ 1522-ին ձայն բարձրացուց դրամի փոխարէն շնորհուած ներողութեանց դէմ, եւ շուտով իրեն յարեցան Հելուետիոյ ինքնուրոյն գաւառները: Գաղղիախօս Հելուետիոյ եկեղեցականներէն Յովհաննէս Կալվին (Calvin), բողոքական սկզբունքները ընդգրկեց, զորս առաջին անգամ յայտնեց Փարիզի մէջ 1532-ին, եւ անկէ Հելուետիա գալով եւ զանազան քաղաքներ շրջելով իրեն կեդրոնը հաստատեց Ժընէվի (Genըve) մէջ 1536-ին, եւ բողոքականութեան աւելի գիտական եւ աւելի կարգադրեալ ձեւ տալու արժանիքն ունեցաւ: Դանիոյ մէջ Յովհաննէս Թաուզըն (Tausne), մեծ յաջողութիւն ունեցաւ, Քրիստիանոս Բ. եւ Գ. թագաւորներուն պաշտպանութեամբ, մինչեւ որ 1536-ին ընդհանուր գումարմամբ բողոքականութիւնը ազգային կրօնք հռչակուեցաւ: Նորվէգիա եւ Իսլանտա` որ Դանիոյ իշխանութեան ներքեւ էին, եւ Շուետիա որ Դանիոյ գերիշխանութիւնը կը ճանչնար, միեւնոյն հոսանքին հետեւեցան Ալաւոս եւ Լաւրենտիոս Բէթէրսըն (Petersen) եղբարց քարոզութեամբ: Անգղիոյ մէջ Հենրիկոս Ը. թագաւոր, 1521-ին Լուտերի դէմ հրատարակութիւն ալ ըրած էր, բայց երբ Կատարինէ Արագոնացիին հետ ամուսնութիւնը լուծելու եւ Աննա Պօլէյնի (Boleyn) հետ ամուսնանալու խնդիրը ծագեցաւ, եւ Կղեմէս Է. պապ` 1527-ին նպաստաւոր կարծիք տուած ըլլալով հանդերձ 1529-ին մերժեց, Հենրիկոս` Թովմաս Քրօմուէլի (Cromwell) խորհրդով 1531-ին Հռոմէ բաժնուելու որոշումը յայտնեց, եւ անգղիական եկեղեցւոյ ինքնիշխան տէր հռչակուեցաւ, եւ 1534-ին կազմակերպութիւնը լրացուց, թէպէտ ոչ ըստ ամենայնի Լուտերի ու Կալվինի ու Զուինկլի սկզբունքներով, բայց արդեամբ Անգղիան ալ Հռոմէ բաժնուեցաւ, եւ միայն յիշեալ երկիրներու մէջ` Հռոմի հետ կապուած: Մեր նպատակը չէր բողոքականութեան վրայ կատարեալ տեղեկութիւն տալ, անոր համար ոչ անոր վարդապետական սկզբունքները բացատրեցինք, ոչ իրեն մէջ ունեցած խնդիրները պատմեցինք, եւ ոչ ալ ներքին կազմակերպութեան զանազան կէտերը յառաջ բերինք: Այլ բաւական սեպեցինք միայն սկզբնաւորութեան պարագաները եւ քանի մը ժամանակագրական թուականներ յիշել, իբրեւ նշանաւոր եղելութիւն մը, որուն մասին իր կարգին պիտի ստիպուինք խօսիլ, Հայոց հետ ալ ունեցած շփումները եւ ներգործած ազդեցութիւնները պատմած ատեննիս: