Ազգապատում. հատոր Բ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ՍԻՄԷՈՆ Ա. ԵՐԵՒԱՆԵՑԻ

2069. ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՕԾՈՒՄ

Յակոբի թաղումը եւ զատկի տօնը անցնելէն ետքը Մայրաթոռի միաբանութիւնը ըստ սովորութեան ձեռնարկեց նոր կաթողիկոսի ընտրութեան, բայց այս անգամ համաձայնութիւնը դժուար եղաւ, որովհետեւ չկար այնպիսի մէկ մը` որ իր ազդեցութեամբ եւ իր արդիւնաւորութեամբ կանուխէն ամէնուն միտքերը գրաւած ըլլար: Նալեան ալ, ոչ միայն քանիցս հրաժարած էր, այլեւ վերջին եկողները անոր ախտակիր եւ անկարացած ըլլալուն լուրը բերած էին: Աւելի խօսուած անուններն էին, Յովհան Ամդեցի` Գլակայ առաջնորդ, Աբրահամ Աստապատցի` Զմիւռնիոյ նուիրակ, Սամուէլ Երզնկացի` Պրուսայի առաջնորդ, եւ Յարութիւն Բասենցի` նուիրակութենէ դարձած ( ՉԱՄ. Գ. 869), բայց ոչ մէկուն վրայ որոշ մեծամասնութիւն մը չէր համաձայներ, եւ չորս գումարումներ առանց հետեւանքի մնացած էին, իսկ Սիմէոն Երեւանեցիին վրայ խօսող չկար: Անոր գործունէութիւնը ծանօթ էր, բայց բուռն բնաւորութեամբը սիրելի եղած պիտի չ՚ըլլար. Տաճկահայերուն ալ հաճելի չ՚ըլլալուն կասկածը կը տիրէր, բայց վերջապէս հինգերորդ գումարումին մէջ` անկէ զատ յարմարագոյն մը չկարենալով գտնել, միաբանութիւնը անոր անունին վրայ կը համաձայնի, եւ կ՚ըսուի թէ Յարութիւն Բասենցին աւելի մաս ունեցած է այդ ընտրութիւնը յաջողցնելու մէջ ( ՉԱՄ. Գ. 870): Հազիւ այդ համաձայնութիւնը գոյացուցած, իսկոյն օծումը կատարելու կը ձեռնարկեն որ եւ տեղի կ՚ունենայ 1763 ապրիլ 20-ին Երեւման խաչի կիրակէին, առանց սպասելու Կ. Պոլսէ եւ ուրիշ կողմէ հաւանութիւն ստանալու: Գուցէ կը խիթային որ նոր արգելքի չհանդիպին, եւ Տաճկահայերն ալ լրացեալ գործողութեան մը դիմաց դնել կը մտածէին: Սիմէոն պատմութեանս համար անծանօթ դէմք մը չէ, շատ եղելութեանց մէջ անոր անունը յիշած ենք, եւ զանազան պարագաներու մէջ վարած դերը բացատրած: Այսու հանդերձ, նկատելով անոր կաթողիկոսական ընդարձակ գործունէութիւնը, կ՚արժէ որ նախընթացին վրայ աւելի լիագոյն տեղեկութիւններ տանք:

2070. ԱՌԱՋԻՆ ԿԵԱՆՔԸ

Ոմանց կարծիքով, Սիմէոնի ծագումը ազնուական եղած է, թէպէտեւ Պռօշեան իշխանազուններէն եղած ըլլալը, կամ Խուբեանց տոհմին իշխանազուն ըլլալը պատմական ստուգութեանց կը կարօտին ( ԴԻՒ. Գ. կա ): Սիմէոն ծնած է Երեւանի քաղաքամիջում, ծնողքն են Կարապետ եւ Գայիանէ, եւ եղբայրները Մելքիսեդեկ ու Յարութիւն ու Ղազար, իսկ ծննդեան թուականը, զոր ինքն ալ երբեք չէ յիշած, մերձաւորաբար 1710-ին կը հաշուուի ( ԴԻՒ. Գ. կգ ): Առաջին տարիքէն ուշիմութեան եւ յաջողակութեան համբաւ հանած է Մայրաթոռոյ դպրոցին մէջ, մինչեւ Կոլոտի փափաքը շարժել զայն իր կողմը ձգելու համար, եւ պաշտօն յանձնել Ահագինի, որ Էջմիածին գտնուած միջոցին` պատանի Սիմէոնը հրապուրէ ( ԴԻՒ. Գ. կե ): Սիմէոն Էջմիածինի դպրոցին ընթացքը կ՚աւարտէ, օգտուելով մանաւանդ Շամախեցիին ուսուցչութենէն, եւ անմիջապէս նոյն դպրոցին մէջ ուսուցչութեան կը կոչուի, եւ առաջիկային նշանաւոր հանդիսացող Մայրաթոռոյ միաբաններ, բոլորն ալ Սիմէոնի աշակերտած եւ Սիմէոնով զարգացած ըլլալնին պարծանօք կը յիշեն: Սիմէոն տակաւին դպիր էր, երբ Յարութիւն Ջուղայեցի եպիսկոպոսին մօտ` Պայազիտի նուիրակութեան օգնական նշանակուեցաւ, եւ սարկաւագ եղած ատեն նոյնէն իբր ընկեր պահանջուեցաւ Հնդկաստանի նուիրակ նշանակուելուն առթիւ. թէպէտեւ Ջահկեցի կաթողիկոս կը յորդորէր` մի բարետես եւ գեղեցիկ մարդ տանիլ հետը, որպիսի չէր Սիմէոն, կերպարանքով ոչ գեղատեսիլ, եւ մօրուքով յոյժ աղքատ, որուն համար Քօշ մակդիր անուն ստացած էր, հայերէն` արու այծ, կամ տաճկերէն` քէօսէ բառին իմաստով: Յարութիւն Ջուղայեցին Հնդկահայերու փափաքը լրացնելու համար պատրաստուած էր Սիմէոնի վրայ քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման հանդէս կատարել 1743 Խաչվերացին, որ կը հանդիպէր սեպտեմբեր 11-ին, երբ տօնին նախընթաց ուրբաթ օրը, սեպտեմբեր 9-ին, յանկարծամահ կը վախճանի, եւ տեղական քահանաներ կ՚ամբաստանուին թէ թունաւորեցին, վախնալով որ ձեռնադրութեան պատճառով զրկուած կը լինին սեպհական օգտից ( ԴԻՒ. Գ. կէ ): Սիմէոն սարկաւագ մնալով ալ` Հնդկաստանի նուիրակութիւնը շարունակեց եպիսկոպոսին փոխանորդելով, եւ երեքուկէս տարի Հնդկաստանի մէջ շրջեցաւ: Ջուղայի կողմերն ալ պտտելով Էջմիածին կը դառնայ 1747-ին, երբ Ղազար Ջահկեցիի դէմ հակառակութիւններ զօրացած էին 2024): Հնդկաստանցիք խնդրած էին կաթողիկոսէն որ Սիմէոնը վարդապետութեան բարձրացնելով նորէն իրենց դարձնէ. կաթողիկոսը ընդունեց առաջարկը, նկատի առնելով Սիմէոնի առատ եւ կամակատար արդիւնաւորութիւնը, ինքն անձամբ ձեռնադրութիւնը կատարեց, բայց Հնդկաստան դարձնելու պայմանը չգործադրուեցաւ: Սիմէոն յարեցաւ Ջահկեցիի դէմ ելլող միաբանութեան, եւ ինքն էր որ պէտք եղած գիրերն ու տեղեկագիրները կը պատրաստէր: Քիւթիւրի կաթողիկոսանալուն ալ օգնեց 1748-ին 2025): Հետեւաբար երբոր Ղազար վերադարձաւ 1749-ին 2028) Սիմէոն Կարին ապաւինեցաւ, եւ որովհետեւ Ղազար կ՚աշխատէր կուսակալին ձեռքով Սիմէոնը իր ձեռք անցընել, եւ իրեն դէմ գրիչ շարժող երկու մատները կտրել, Սիմէոն Կ. Պոլիս անցաւ, ուր լաւ ընդունելութիւն ալ գտաւ, իր ուսումնական համբաւին համար ( ԴԻՒ. Գ. հա ):

2071. Կ. ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ

Սիմէոն Կ. Պոլսոյ մէջ մնաց բաւական ժամանակ, եւ կը յիշուի թէ Պալաթի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցիի քարեայ խցում, այսինքն է կամարակապ սենեակին մէջ, հասակաւոր աշակերտներու Պորփիւրի եւ Անյաղթի իմաստասիրական գիրքերէն կը դասախօսէր: Թէպէտ Ղազար Ջահկեցի 1751-ին մեռած էր 2034), եւ Սիմէոնը հալածողը այլեւս չկար, եւ Մինաս կաթողիկոսէ կասկածելու տեղի չունէր, բայց Սիմէոն Կ. Պոլիսը չէր թողուր, թերեւս յուսալով յաջող յառաջադիմութիւն գտնել այստեղ, ուր իրեն հովանաւոր ունէր հռչակաւոր եւ ազդեցիկ Եաղուպ ամիրան 2036): Անոր ընկերացաւ ալ Երուսաղէմի ուխտաւորութեան ատեն 1751-ին, եւ իր քաջաքարոզ ատենաբանութեամբ Նալեան պատրիարքը զարմացուց, որ մինչեւ իսկ իր փիլոնը, մատանին ու գաւազանը նուիրեց Սիմէոնի ( ԴԻՒ. Գ. հբ ): Այդ առթիւ կը պատմուի Նալեանի հռչակաւոր խօսքը, որուն երբ ուխտաւորները կը դիմեն, որ յաղթանդամ եւ մեծ մօրուք Մովսէս վարդապետը իրենց քարոզելու արտօնէ, Նալեան ընդհակառակն Սիմէոնը ցոյց կու տայ ըսելով. Քարոզ կ՚ուզէք` Քէօսէս, մօրուք կ՚ուզէք` Մօսէս ( ԴԻՒ. Գ. հդ ): Սիմէոն Եաղուպի եւ Նալեանի հետ Երուսաղէմէ դարձաւ 1752-ին, բայց Նալեանի Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան մէջ վերահաստատուելուն եւ Եաղուպի գլխատուելուն վրայ, Սիմէոն Կ. Պոլիսը կը թողու եւ Էջմիածին կը հասնի, ամենայն հաւանականութեամբ, Աղեքսանդր Բիւզանդացիին ընկերանալով 1754-ին սկիզբները 2041), եւ անկէց ընդունած կ՚ըլլայ եպիսկոպոսական աստիճանն ալ, եւ միջոց մը Մայրաթոռոյ մէջ մնալէն ետքը, 1755-ին վերջերը Կ. Պոլիս կը դառնայ, թէ նուիրակութեան պաշտօնով ( ԴԻՒ. Գ. հե ), եւ թէ կաթողիկոսական ընտրութեան պատգամաւորութեամբ: Սակայն Սիմէոնի եւ Աբրահամի ջանքերուն հակառակ, 1756 փետրուարին կաթողիկոս հռչակուեցաւ Սահակ Ահագինը 2042): Այնուհետեւ Կ. Պոլիս մնացած կը գտնենք Սիմէոնը, Սահակ Ահագինի անուանական կաթողիկոսութեան եւ Յակոբ Շամախեցիի բուն կաթողիկոսութեան միջոցին, որ է ըսել 1755-է մինչեւ 1763, իբր ութամեայ միջոց մը փոքրիկ ընդհատումներով: Պահ մը Զմիւռնիա ալ գտնուած է Սահակ Ահագինի կաթողիկոս հռչակուելէն ետքը ( ԴԻՒ. Գ. հը ) բայց չենք կարող ճշդել, թէ Զմիւռնիոյ շրջանակին նուիրակութեան անցնելով, թէ ոչ Զմիւռնիոյ փոխանորդութիւնը իբր յաւելուածական պաշտօն վարելով: Այդ միջոցը մեծապէս նպաստած է Սիմէոնի Տաճկահայոց գործերն ու ընթացքը ուսումնասիրելու, եւ կատարելապէս անոնց մանրամասնութեանց հմտանալու, ինչպէս իր նամակներուն եւ Ջամբռին մէջ կը տեսնուի: Թերեւս այդ ներհուն հմտութիւնն ու ամէն մանրամասնութեանց գիտակցութիւնը ներշնչած է Սիմէոնի` Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան հանդէպ բծախնդիր եւ հակակիր հոգի մը, զոր կը յայտնէ բուռն բացատրութիւններով, եւ որուն մասին առանձինն պէտք է անդրադառնանք յառաջիկային:

2072. ԷՋՄԻԱԾԻՆ ԴԱՌՆԱԼԸ

Սիմէոնի կեանքին նուիրակական շրջանը ապարդիւն եղած չէ, եւ Մայրաթոռին համար օգտակար արդիւնք տուած է, որ միաբանութիւնը շատ մը վարանումներէ ետքը համաձայնած է զայն կաթողիկոսական աթոռ բարձրացնել: Բայց մենք, այդ միջոցին վրայ ընդարձակ տեղեկութիւններ չունինք, եւ ինքն ալ` թէպէտ մտադիր իր կաթողիկոսական գործունէութեան մասին Յիշատակարան կազմել, բայց նախընթաց ժամանակներուն վրայ ակնարկներն ագահած է: Նոյն իսկ Ահագինի կաթողիկոսութիւնը չեղեալ նկատելը, եւ Շամախեցին կաթողիկոսացնելու համար ճիգերը` իրմէ պատմուած չեն, եւ քանի մի բառով իբրեւ օտարի մի գործ նշանակած է զայն կաթողիկոսներու համառօտ պատմութեան կարգին ( ՋԱՄ. 32): Յիշեցինք արդէն թէ Սիմէոն իբրեւ իր ուսուցիչը կը ճանչնար Շամախեցին 2070), որուն կաթողիկոսական օծման ներկայ ըլլալու համար յատկապէս Կ. Պոլիսէ Էջմիածին եկաւ 1759-ին 2057), բայց նորէն Կ. Պոլսոյ նուիրակութեան դարձաւ Շամախեցիին հրամանով, եւ իրաւ ալ անկէ յարմարագոյնը չէր կրնար գտնուիլ` մայրաքաղաքին ամենակարեւոր նուիրակութիւնը վարելու եւ արդիւնաւորելու: Վերջապէս 1763-ին Սիմէոն նուիրակութիւնը վերջացուցած կամ ընդհատած Էջմիածին կը դառնար, երբ Կարնոյ մէջ Սահակ Շամախեցիի յուղարկաւորութեանց հանդիպեցաւ, եւ քիչ օր ետքը կաթողիկոս ընտրուեցաւ, ուր ապրիլ 20-ին կաթողիկոսական օծում ստացաւ 2069):

2073. ՏԱՃԿԱՀԱՅՈՑ ՀԱՒԱՆԻԼԸ

Սիմէոն լաւ գիտէր Կ. Պոլսոյ աւագանիին տրամադրութիւնը, որ կ՚ուզէր վերջնական եւ վճռական ձայնն ունենալ կաթողիկոսական ընտրութեան մէջ, մինչ իր ընտրութիւնը առանց անոնց ձայնին եղած էր, եւ օծումն ալ շտապով կատարուած էր, անշուշտ իր ալ կամակցութեամբ: Պէտք էր ուրեմն գործին յարմար ձեւ մը տալ, ոչ իր դիրքը խանգարել, եւ ոչ Տաճկահայոց միտքը գրգռել: Նախապէս Երեւանի խանէն իր հաստատութիւնը ապահովեց ( ԴԻՒ. Գ. ձա ), եւ պէտք է գիտնալ, որ այդ միջոցին Պարսկաստանի արքունի իշխանութիւնը տկարացած էր, եւ նահանգապետ խաներ` իբրեւ բացարձակ իշխաններ կը գործէին: Այնուհետեւ Կ. Պոլսոյ հետ յարաբերութեանց ձեռնարկեց: Մայիս 19-ին, օծումէն ամիս մը ետքը, մեծ նուիրակներ ճամբայ հանուեցան. Յարութիւն Բասէնցի` Կ. Պոլսոյ, Մատթէոս Բիւզանդացի` Գաղատիոյ, Գէորգ Ղափանցի` Խրիմի, եւ Պետրոս Գեանճեցի` Կարնոյ շրջանակներուն վրայ ( ԴԻՒ. Գ. 6), եւ միւս կողմէն պաշտօնագիրներ պատրաստուեցան Մայրաթոռոյ միաբանութեան, եւ Երեւանի ու Թիֆլիզի ու Նախիջեւանի քաղաքներուն կողմէն ( ԴԻՒ. Գ. 6), եւ կաթողիկոսին կողմէն ալ բազմաթիւ յանձնարարագիրներ գրուեցան Կ. Պոլսոյ գլխաւորներուն ( ԴԻՒ. Գ. 12), եւ Զմիւռնիոյ նշանաւորներուն ( ԴԻՒ. Գ. 13), որպէսզի Տաճկահայոց հաւանութիւնը դժուարութեան չբաղխի: Այդ գիրերն ալ Գրիգոր Սանահնեցի վարդապետին ձեռքով նուիրակներուն հետ ճամբայ հանուեցան ( ԴԻՒ. Գ. 7): Սիմէոնի յիշատակարանը այդ գիրերուն ամփոփումը չի տար, վասնզի դեռ Սիմէոն Յիշատակարանը կազմել սկսած չէր: Բայց ուրիշ տեղէ կը ծանուցուի, իբր թէ Սիմէոն սիրտերը շինելու համար գրած ըլլայ, թէ ես ոչ իմովս ինչ կամօք օծայ կաթողիկոս, այլ յընտրութենէ միաբանիցս ( ՉԱՄ. Գ. 872), որ եթէ ուղիղ է` շատ տկար չքմեղանք մըն է, մինչեւ իսկ դժուար է Սիմէոնի բնաւորութեան պատշաճեցնել: Ուղեւորներուն Կարինէ հեռանալէն ետքը Սանահնեցի վարդապետ, պահ մը ետեւ մնալով եւ աւազակներու հանդիպելով կը թալանուի, որոնք համայն նուիրական եւ վասն սրբազան վեհին թուղթքն կաթողիկոսութեան` զամենեսեան պատառեն, եւ զսուրբ միւռոնն ի տեղի ձիթոյ վաճառեն, եւ հազիւ Սանահնեցին պատռուածներէն քիչ մը բան հաւաքելով, Յարութիւն Բասենցի նուիրակին կը յղէ, որ յառաջացած էր դէպի Եւդոկիա, եւ ինքն ետ կը դառնայ ( ԴԻՒ. Գ. 7): Բայց Շամախեցիին մահուան գոյժը եւ Երեւանեցիին ընտրութեան լուրը պաշտօնագիրներէն առաջ Կ. Պոլիս կը հասնին, եւ աւագանիէն մաս մը դիմադրութեան կը գրգռեն, Սիմէոնի անձնական հանգամանքներուն, եւ առանց իրենց հաւանութեան օծուած ըլլալուն պատրուակներով: Սակայն մեծագոյն եւ խոհականագոյն մասը հաւանելու եւ ընդունելու կողմը կ՚ըլլայ. Նալեան պատրիարք ալ իր հեղինակաւոր ձայնը կը բարձրացնէ, եւ Վարագայ խաչի կիրակէին 1763 սեպտեմբեր 28-ին, ինքն Նալեան պատրիարքն կայսերապերճի քաղաքին, մատուեցալ զպատարագ, յիշեցոյց զտիրապսակ անուն Սիմէոն կաթողիկոսին, զոր ամէնքը տէր եւ հայր եւ վեհ միաբերան գոչեցին: Իսկոյն շնորհաւորական պաշտօնագիրներ ալ պատրաստեցին եւ ճամբայ հանեցին, որոնք ի դեկտեմբերի ամսեանն հասին Էջմիածին ( ԴԻՒ. Գ. 12): Այսպէս Սիմէոն ընտրութենէն հազիւ ութն ամիս յետոյ կրցաւ հանդարտ սրտով իր կաթողիկոսութեան վրայ վստահիլ, եւ Տաճկահայոց հաստատութիւնը ընդունելով, ձեռնարկել իր համարձակ գործունէութեան:

2074. ԲԱԳՐԵՒԱՆԴ ՔԱՇՈՒԻԼԸ

Բայց այդ միայն չէր Սիմէոնի կաթողիկոսութեան առջի օրերուն տագնապը: Ընտրութեան վրայ երկու ամիս անցած չէր տակաւին, որ Հիւսէին Ալի Երեւանի խանը լուր կ՚առնէ թէ Քէրիմ խան 2066) իր վրայ կու գայ, ամէն կողմ աւերելով եւ աւարելով: Ուստի պատգամ կը ղրկէ Սիմէոնի, որ թշնամւոյն ձեռքը չիյնալու համար, բոլոր թանկագին ստացուածներով եւ բաւականաչափ պաշարով Երեւան գայ, ու բերդին մէջ ապահով մնայ: Սակայն Հիւսէյին-Ալիի ներքին միտքը կասկածոտ էր կաթողիկոսին վրայ, թէ մի գուցէ Քէրիմին օգնէ. եւ Սիմէոն ալ բնաւ չէր ուզեր անոր ձեռքը յանձնուիլ, ուստի ամսաչափ ժամանակ այդ անորոշութեանց մէջ վրդով կենօք կը մնար: Բարեբախտաբար Վրաց Հերակլ թագաւորին միջամտութեամբ, Հիւսէյին-Ալի իր առաջարկէն ետ կեցաւ, եւ հաւանեցաւ որ միաբանները Էջմիածին մնան, եւ կաթողիկոսն ալ իր ապահովութեան համար քանեօք գլխաւորօք Օսմանեան հողը անցնի, երթալ նստիլ ի յԻւչքիլիսայն, որ է Բագրեւանդի Ս. Յովհաննու վանքը, ինչ որ մեծ ուրախութիւն պատճառեց. իբր զի յիշատակագիրին խօսքով, զերծան իբրեւ ի մահուանէ, յոչ մտանելն ի բերդն: Ըստ այսմ Սիմէոն գլխաւոր միաբաններով Պայազիտի կողմը անցաւ 1763 յուլիսի մէջ, եւ հոն լսեց Սանահնեցի Գրիգորի կողոպտուելուն եւ պաշտօնագիրներուն կորսուելուն գործը, եւ իսկոյն սկսաւ նորեր պատրաստելու հոգալ, եւ Կարնոյ նուիրակ Պետրոս Գեանջեցիի ալ հրահանգներ տալ, թալանը ձեռք ձգելու համար: Բայց աթոռէն դուրս դիւրութիւններ կը պակսէին, եւ ահա այս միջոցին լուր կը հասնի Հիւսէյին-Ալի խանէն, թէ ահա խաղաղացաք, եւ թէ դարձիր յաթոռն քո: Ասոր վրայ Սիմէոն եւ ընկերները Իւչքիլիսէի վանքէն Պայազիտ կու գան, կուսակալ Մահմուտ փաշայէ քանի մը օր կը պատուասիրուին, եւ սեպտեմբեր 20-ին Պայազիտէ մեկնելով, Ս. Գէորգայ կամ Վարագայ շաբաթապահքին բարեկենդանին, սեպտեմբեր 21-ին, Էջմիածին կը մտնեն: Սիմէոն իսկոյն կորսուած թուղթերուն պակասութիւնը լրացնելով, սեպտեմբեր 28-ին փայեկը ճամբայ կը հանէ` Յարութիւն Բասենցի նուիրակին հասցնելու Եւդոկիա: Սիմէոն կը փութար որպէսզի օր առաջ Կ. Պոլիս եւ Տաճկահայոց հաւանութեան գործը վերջանար, բայց բարեբախտաբար միեւնոյն սեպտեմբեր 28-ին օրը ամենայն ինչ վերջացած էր Կ. Պոլսոյ մէջ, ինչպէս տեսանք 2073), բայց այն ատեն օրը օրին լուր ստանալու միջոցները կը պակսէին: Նոյն իսկ Երեւանի խանին պաշտօնական այցելութիւնը յետաձգած էր Սիմէոն Կ. Պոլսոյ թուղթերուն հոգածութենէն, եւ փայեկը ճամբայ հանելէն ետքը, սեպտեմբեր 29-ին երկուշաբթի օր կ՚երթար ի բերդն Երեւանի ի տես խանին ( ԴԻՒ. Գ. 20):

2075. ԴԻՒԱՆԱԿԱՆ ԿԱՐԳԵՐ

Սիմէոն կաթողիկոս հազիւ Պայազիտի պանդխտութենէն դարձած, հիմնական կերպով կը ձեռնարկէ Մայրաթոռոյ մէջ կարգ ու սարք հաստատել, եւ իբր առաջին քայլ ոյժ կու տայ արձանագրութեանց եւ յիշատակագրութեանց, որոնք կը ծառայեն թէ գործունէութեանց կանոնաւորութիւն տալու, եւ թէ եղելութեանց նպատակն ու յիշատակը պահպանելու: Գրութեանց պակասութեան ձախորդ հետեւանքը մենք իսկ տեսանք, ամենակարեւոր խնդիրներու մասին ստուգապատում յիշատակներ չգտնելով: Այս պարագան նոյն միջոցին ալ զգալի եղած էր, վասնզի ոչ միայն իրենցմէ առաջ յղուած թուղթերուն մասին` ոflւր եւ եflրբ եւ իflնչ գրուած ըլլալը չէին գիտեր, այլեւ ոչինչ գիտէին զորքանութենէ, զորպիսութենէ եւ զառ որս գրելոյ կորուսելոց թղթոց, որոնք Սանահնեցիին վրայէն կողոպտուեցան, որպէսզի ըստ այնմ նորեր գրէին ( ԴԻՒ. Գ. 10): Սիմէոնի այս առթիւ հաստատած արձանագրութիւնները եղան հետեւեալները: Նախ Գաւազանագիրք մը, զոր կանուխէն հաստատած էր Շամախեցին 2067), բայց ընդհատուած ըլլալուն համար Ղուկիանոս Աշտարակեցի դպիրին պաշտօն տրուեցաւ զայն շարունակել: Առանձինն նուիրակութեանց մասին տեղեկութիւններ հաւաքելու գործը յանձնեց Երեմիա նոտարին, որ նշանակէ իւրաքանչիւր թեմին նուիրակը, անոր արդիւնաւորութիւնը եւ զանազան խնդիրները: Յայտնի չենք գտներ թէ նուիրակութեանց կանոնագիր մըն ալ կազմած ըլլայ Սիմէոն, որ այդպիսի կարգապահութեանց նախանձայոյզ էր, գուցէ Եփրեմ Ձորագեղցիի օրով կազմուած` Շարակարգեալ ցուցակ պաշտօնի եւ պատուիրանաց անունով նուիրակաց կանոնագրութիւնը ( ԴԻՒ. Գ. 808-824), Երեւանեցիէ մնացած սկզբնագիրի մը հետեւողութեամբ պատրաստուած ըլլայ: Ասոնցմէ աւելի կարեւոր կրնայ նկատուիլ Յովհաննէս Գեղամացի դպիրին ձեռքով պատրաստուած Յիշատակարանը, որուն մէջ ժամանակի կարգով նշանակուած են ստացուած եւ գրուած թուղթերը, պատշաճ տեղեկութեանց եւ բացատրութեանց յաւելուածներով` որ եւ վերջերս լոյս տեսաւ Գիւտ Աղանեան աւագ քահանայի հրատարակած` Դիւան Հայոց պատմութեան հաւաքածոյին կարգին: Այս յիշատակարանին յարակից է Մեծ տետր կոչուածը, որ յաւուր Յակոբայ Շամախեցւոյ կաթողիկոսին սկսաւ, եւ որուն մէջ ամբողջապէս կ՚ընդօրինակուէին կարեւորագոյն գիրերը: Առաջին տոմարին աւարտելէն ետքը սկսուած պիտի ըլլայ միւս տետրն ( ԴԻՒ. Գ. 36), որ Բոլորագրահամար տետր ալ կոչուած է ( ԴԻՒ. Գ. 64): Այս վերջիններուն մասին տեղեկութիւն եւ ծանօթութիւն չունինք: Յիշուած արձանագրութիւնները սկսած են 1763 սեպտեմբերի վերջերը, Իւչքիլիսէէ դառնալէն ետքը, եւ շարունակած են մինչեւ 1776 ( ԴԻՒ. Գ. եւ ԴԻՒ. Ը. ) եւ մենք ալ պիտի օգտուինք անոնցմէ:

2076. ՋԱՄԲՌԻ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆ

Երբոր Սիմէոն նոր եւ առօրեայ գործերուն արձանագրութիւնը իր պաշտօնեաներուն կը յանձնէր, կարեւորագոյն աշխատութիւնը իրեն կը պահէր, այն է հին պաշտօնագիրները հաւաքել եւ պրպտել, եւ Մայր աթոռին ստացութեանց եւ իրաւանց, կալուածոց եւ ընչից վիճակը ճշդել, անոնց վաւերական ցուցակը կազմել, եւ իւրաքանչիւրին վրայ կարեւոր տեղեկութիւններ ու բացատրութիւններ տալ: Այդ պրպտումները անմիջապէս սկսաւ Պայազիտէ դառնալէն ետքը, ծակուծուկէ դուրս հանեց փոշիներու ներքեւ մոռցուած կոնդակներ եւ հրովարտակներ, մուրհակներ եւ կալուածագիրեր. զանոնք դասաւորեց եւ յատուկ տոմարի անցընել տուաւ. եւ երբոր ատաղձը պատրաստեց, սկսաւ գրել անոնց մասին բացատրական հատորը: Այդ է Սիմէոն Երեւանեցիի Ջամբռ կոչուած գիրքը, որ է Յիշատակարան արձանացուցիչ, հաճելի եւ պարունակող բնաւից որպիսութեանց սրբոյ աթոռոյս եւ իւրոյ շրջակայից վանօրէիցն, համաժողովեցեալ եւ շարադրեցեալ ի Սիմէոնէ ցաւահար եւ վշտակոծ կաթողիկոսէ: Այդ աշխատութեանց վրայ 1765 թուականն է դրուած, առանց ճշդելու թէ սկզբնաւորութեան, թէ ոչ աւարտման թուականն է. ամէն առթի մէջ շատ ուշացած չ՚ըսուիր, եթէ ամբողջ 1764 տարին պրպտումներու հետեւեցաւ: Ջամբռ անունը, նոյնիսկ գաղղիերէն Chambre բառն է, որ կը նշանակէ սենեակ իր սովորական իմաստով, սակայն նախընթաց դարերու մէջ սենեակ կը կոչուէին Եւրոպիոյ պաշտօնական դիւանները, եւ դեռ այսօր ալ Camera apostolica, Առաքելական սենեակ կը կոչուի Հռոմի պապական դիւանը: Սիմէոն հարկաւ այդ անունը լսած է Կ. Պոլիս գտնուած եւ Եւրոպացւոց հետ շփում ունեցած միջոցին, եւ իբրեւ Եւրոպական կատարելագործեալ ձեռնարկ մը` այդ անունը տուած է իր աշխատութեան, որ պարզապէս Դիւանագիրք կամ Դիւանական արձանագիրք մըն է: Ջամբռը երկար տարիներ անյայտ մնացած ըլլալէ ետքը, 1873-ին հրատարակուեցաւ Էջմիածինի տպարանէն: Սիմէոն իր գործին շարունակութիւնը կը յանձնարարէ իրեն յաջորդներուն, զի եւ դուք զառ ձեօք եղեալսն ի սմա գրեալ ի յիւրաքանչիւր տեղւոջն արձանացուսջիք ( ՋԱՄ. 4): Բայց Էջմիածինի դիւանը կը վկայէ, թէ ոչ ոք հոգացեալ է արձանագրել զիր ինչ ( ՋԱՄ. ա ), ինչ որ Սիմէոնի գովեստը կը բարձրացնէ: Միայն ցրիւ պատճէններ կը գտնուէին, մինչեւ որ Էջմիածինի մէջ մնայուն Սինոդի հաստատուելովը, կանոնաւոր ատենագրութիւններ ալ սկսան, եւ կաթողիկոսական դիւան կազմուեցաւ:

2077. ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՄԱՍԸ

Սիմէոնի Ջամբռին առաջին երեք գլուխները շատ համառօտ ամփոփում մը կը պարունակեն Հայոց եկեղեցւոյ պատմութեան` մինչեւ Մովսէս Տաթեւացին ( ՋԱՄ. 6-20). իսկ չորրորդ գլուխին մէջ զատ զատ կը խօսի յաջորդներուն վրայ` Մովսէս Տաթեւացիէ մինչեւ Յակոբ Շամախեցի ( ՋԱՄ. 21-33), որուն վերջը համառօտութիւն մը կը դնէ կաթողիկոսներու թիւերուն եւ տարիներու տեւողութեան: Կաթողիկոսներուն թիւը Լուսաւորիչէ մինչեւ Բարսեղ Անեցի, կը դնէ 61, Գրիգոր Պահլաւունիէ մինչեւ Յովսէփ Սսեցի 27, եւ Կիրակոս Վիրապեցիէ մինչեւ Յակոբ Շամախեցի 39, որ է բովանդակ 127: Իսկ մեր դասակարգութեամբ Շամախեցին 114-րդն է շարքին մէջ, որովհետեւ քանիները ցուցակէ հանած ենք` իբր անստոյգ կամ աթոռակից կամ հակաթոռ: Տարիներու տեւողութիւնն ալ Լուսաւորիչէ Բարսեղ Անեցի կը հաշուէ 812, Գրիգոր Պահլաւունիէ մինչեւ Յովսէփ Սսեցի` 325, եւ Կիրակոս Վիրապեցիէ մինչեւ Յակոբ Շամախեցի` 322, բովանդակ 1459 տարի ( ՋԱՄ. 33): Լուսաւորիչի կաթողիկոսութիւնը եւ Մայրաթոռի հիմնարկութիւը կը դնէ 305-ին ( ՋԱՄ. 6), մինչ մենք ձեռնադրութիւնը 302-ին ( § 63), եւ հիմնարկութիւնը 303-ին ցուցուցինք ( § 66): Յատուկ հատուած մը բացուած է` Վասն Սիմէոն կաթողիկոսի ( ՋԱՄ. 33-44), բայց այն պէտք չէ իր գրիչէն ելած ըլլայ: Վասնզի նա որ յառաջաբանին մէջ կը խոստովանի թէ լոկ եւ եթ անուամբ կաթողիկոս մըն է, յամենայնի անարդիւն եւ անպէտ, որ չէ կրցած ինքն իրմէ զարդիւնաւոր գործ ինչ յառաջացուցանել ( ՋԱՄ. 2), չէր կրնար իրեն համար գրել, թէ էր այր շնորհընկալ, առատամիտ, գիտնաշատ, լի իմաստութեամբ, լաւապէս տեղեակ հին եւ նոր կտակարանաց, վարժ նրբից եւ արտաքին գրոց ( ՋԱՄ. 33), բարուքն հեզ, պարզամիտ եւ համբերող, ներող եւ անյիշաչար, կակղասիրտ եւ գթաշատ, ողորմած եւ առատաձեռն, անընչասէր եւ ազատաբարոյ ( ՋԱՄ. 34), արիասիրտ ( ՋԱՄ. 35), բարեմիտ, ահարկու, անուանի ( ՋԱՄ. 36), բազմահանճար ( ՋԱՄ. 28), եւ բարենախանձ ( ՋԱՄ. 39), եւ դեռ ուրիշ շատ ձիրքերով ճոխացած: Իրաւ ուրիշ տեղ մըն ալ յիշատակութիւն մը կայ` առն գովելոյ, շնորհալիցի եւ պերճիմաստի, տեառն Սիմէոն աստուածաբան վարդապետին Երեւանցւոյ ( ՋԱՄ. 28), սակայն սա ուրիշ Սիմէոն Երեւանցի մըն է 1942), զոր պէտք չէ կաթողիկոսին հետ շփոթել ( ԴԻՒ. Գ. հը ): Հետեւապէս պէտք է ըսել թէ Սիմէոնի մասին հատուածը ուրիշ գրիչէ Ջամբռին մէջ մուծուած է:

2078. ՎԻՃԱԿԱԳՐԱԿԱՆ ՄԱՍԸ

Պատմական մասը փակելով, Ջամբռ կը սկսի վիճակագրական ծանօթութիւններ տալ: Հայաբնակ տեղերը կամ առաջնորդական վիճակները նուիրակական շրջանակներու բաժնուած են, որոնց քաղուածը օգտակար կը սեպենք ժամանակին կացութեան վրայ գաղափար կազմելու համար: Տաճկահայ վիճակներ 10 նուիրակութեանց բաժանուած են, եւ են. 1. Կ. Պոլիս, մայրաքաղաքը իր շրջականերով: 2. Ադրիանապոլիս, որուն մէջ են Ադրիանապոլսոյ, Ռոտոսթոյի, Պրուսայի, Պանտրմայի, Քէօթահեայի, Պիլէճիկի, Եալովայի եւ Նիկոմիդիոյ վիճակները: 3. Խրիմ, որուն հետ են Բեսարաբիա, Վալաքիա, Մոլտաւիա եւ Պուլկարիա: 4. Եւդոկիա, որուն մէջ կը մտնեն Արաբկիրի, Ակնայ, Սեբաստիոյ, Կեսարիոյ, Եօզղատի, Ամասիոյ եւ Ճանիկի վիճակները: 5. Անկիւրիա, որ կը պարունակէ, Աֆիոնգարահիսարի, Գոնիայի, Գարամանի եւ Պուրտուրի գաւառները: 6. Կարին, եւ 7. Կարս, որոնց սահմանները որոշուած չեն Ջամբռի մէջ, այլ յիշատակարանին մէջ կը գտնենք, թէ Կարին կը պարունակէ, Բասենի, Դերջանի, Երզնկայի, Կամախի, Ղուզիջանի, Շապինգարահիսարի, Թամզարայի, Տրապիզոնի, Սիւրմէնէի, Կիւմիշխանէի, Սպերի, Քղիի, Խոտորջուրի, Օլթիի, Նարմանի եւ Ալաշկերտի վիճակները: Իսկ Կարսին ներքեւ են, Կաղզուան, Ախլցխա, Ախալքալաք, Արտանուճ, Արտահան, Արդուին, եւ Չըլտըր ( ԴԻՒ. Գ. 800): 8. Պայազիտ, որուն սահմանները վերիվերոյ կը համեմատին այժմեան համանուն նահանգին: 9. Վան, եւ 10. Տիարպէքիր, ասոնց ալ սահմանները ցուցուած չեն Ջամբռի մէջ, բայց Յիշատակարանը Տիարպէքիրի ներքեւ կը դնէ, Բալու, Խարբերդ, Արզնի, Չարսանճաք, Չմշկածագ, Չնքուշ, Սեւերեկ, Ուռհա, Կարմունջ, Մէրտին, Մուսուլ, Հզու եւ Էկիլ: Իսկ Վանին ներքեւ կը դրուին Բաղէշ, Մուշ, Խօշապ, Բերկրի, Արճէշ, Արծկէ Խլաթ, Կարճկան, Նօրտուզ եւ Ապաղա ( ԴԻՒ. Գ. 80): Ջամբռի մէջ պարունակուած տեղագրութիւն` որոնց որ շրջանակը ցուցած է, գիւղերու անուններն ալ կ՚աւելցնէ, որոնք օգտակար կ՚ըլլան հայաբնակ տեղերը ուսումնասիրողին. զոր օրինակ միայն Պայազիտի ներքեւ 140 անուններ կը գտնենք նշանակուած: Պարսկահայք 4 նուիրակութիւն կը կազմեն, Ասպահան, Դավրէժ, Նախիջեւան եւ Երեւան, բայց սահմանները գծուած չեն Ջամբռի մէջ, այլ Յիշատակարանը կը մանրամասնէ, եւ կը յիշուին իւրաքանչիւր նահանգի ծանօթ շրջակաները ( ԴԻՒ. Դ. 803): Նուիրակական շրջանակներէ ետքը առաջ բերուած են տէրունի վիճակներ, որոնց մէջ նուիրակութեան արդիւնքներու հետ առաջնորդութեան արդիւնքներն ալ Մայրաթոռի կը պատկանին, եւ են. 1. Զմիւռնիոյ վիճակը Արշիպեղագոսի կղզիներով: 2. Պաղտատի եւ Պասրայի վիճակը, Հնդկաստան ու Չինու երկիր, եւ Պաթաւիա ու Մանիլա միասին: 3. Գիլանի երկիրը: 4. Տփղիս, եւ բոլոր Վրաստան: 5. Հաշտաշխան, որուն մէջ կը պարունակուին Պետրբուրգ, Մոսկուա, Մոզդոկ, Նոր-Նախիջեւան եւ Օսմանցիներէ առնուած Խրիմի մասը: 6. Էջմիածինի յատուկ տէրունի գիւղեր, որոնք են, Վաղարշապատ, Եղուարդ, Օշական, Ալիբէկլու, Դողս, Փարաքար, Գէօկղումպէթ, Կաւակերտ, Արպաս, Քեալարայ, Սուրմարի, Կողբ եւ Ալէթլու: Նուիրակութեան արդիւնքները երեք տարին անգամ մը կը գանձուէին, բայց քանի մը տեղեր, դրամէ զատ իւրաքանչիւր տարի իւղ եւ պանիր եւ մատաղացու եւ ուրիշ պտղիներ կու տան եղեր, եւ ասոնք ալ են, 1. Պայազիտ, 2. Վան, 3. Կարս, 4. Գեղարքունի, 5. Լօռի, 6. Տփղիս, 7. Նախիջեւան, 8. Դավրէժ, եւ 9. Գեանջայ իրենց շրջանակներով: Այս վիճակագրական տեղեկութիւնք կը կազմեն երեք գլուխներ հինգերորդէ սկսելով: Յաջորդ երկու գլուխներն ալ նուիրուած են կաթողիկոսական իրաւունքներն եւ արտօնութիւնները բացատրելու, թէ մինչեւ ոflւր ձգի եւ որպէflս. եւ այս առթիւ խիստ ակնարկներ կան Երուսաղէմի եւ Կ. Պոլսոյ աթոռներուն` պատրիարք անուն գործածելնուն դէմ: Բացատրուած են եւս այցելութեանց եւ թղթակցութեանց մէջ կաթողիկոսին գործածելիք կամ անոր ուղղուելիք պատուագիր ձեւերը: Վերջապէս տասներորդ գլուխէն սկսելով զատ զատ եւ պատմականօրէն խօսուած է Աղուանից, Աղթամարի եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեանց վրայ, միշտ անոնց սահմանափակ իրաւասութիւնը եւ Մայրաթոռոյ բարձր իշխանութիւնը ցուցնելու դիտմամբ: Մենք առայժմ ասոնց մանրամասնութեանց չենք մտներ, պատմական ոճերնէս չհեռանալու համար:

2079. ՀԱՍՈՅԹՆԵՐՈՒ ՄԱՍԸ

Ջամբռի մեծագոյն մասը կը պարունակէ Մայրաթոռի հասոյթներու, կալուածներու, ինչքերու եւ ապահարկութեանց մասին ընդարձակ տեղեկութիւններ, որոնք եւ գործին բուն նպատակը կը կազմեն: Երեքտասաներորդ գլուխին մէջ յառաջ կը բերուին մլքատու գիւղօրայք, որոնցմէ Մայրաթոռը առնու զմուլքըս, այսինքն զտասանորդս, եւ կը բացատրուին թէ որպէս ստացաւ զնոսա: Այդ գիւղերն են, 1. Վաղարշապատ, 2. Օշական, 3. Ֆռանկանոց, 4. Մաստարա, 5. Քիրազլու, 6. Մուղնի, 7. Տիպակլու, 8. Քէշիշքեանտ, 9. Նորագեղ, 10. Նորք, 11. Եղուարդ, 12. Եայճի եւ Ամիրին, 13. Մելիքի, 14. Բաթռինջ, 15. Բոխենիս, 16. Էսպանիս, 17. Ղարաղօյունլու, 18. Աշտարակ, 19. Աղաւնատուն, 20. Նորագաւիթ, 21. Բիւրական եւ 22. Հաճիլար: Չորեքտասաներորդ գլուխը կը բացատրէ մուզաֆութեան, այսինքն ազատութեան, կամ լաւ եւս ապահարկութեան արտօնութիւնները: Յաջորդ գլուխին մէջ մի առ մի կը ցուցուին անտառք եւ հողք վարելիք եւ արօտք անասնոց. ուրիշ գլուխ մըն ալ կը բացատրէ զայգիս, զպարտէզս, զայգետեղս եւ զայլս այսպիսիս: Յատուկ գլուխի մը մէջ ալ ամփոփուած են ջուրքն, առուքն եւ ծովակն: Նոր գլուխ մըն ալ կը բացատրէ թէ ոflր եւ ոflւր են տունքն, խանութքն եւ ճորտքն եւ այլ այսպիսիք: Այդ ամէն տեղեկութիւնները ճոխացած են կարեւոր տեղեկութիւններով, եւ իւրաքանչիւր կէտի վրայ վաւերագիրներն ալ ցուցուած են, մեծ հաւաքածոյին մէջէն էջերը նշանակելով: Քսաներորդ գլուխէն սկսելով կը ցուցակագրուին պետական իշխանութենէ առնուած ռազամք, կամ պաշտօնագիրներ եւ հրովարտակներ եւ հրամանագիրներ, որոնց մասին կը ծանուցանէ թէ յոգւոց հանելով գրեցի, վասնզի այն գիրերէն, զորս կը յուսայի, կ՚ըսէ, գտնել, զբազումս եւ զբոլորն ոչ գտի: Այս գրութիւնները կը դասակարգէ, 1. Թագաւորաց Պարսից եւ բուռն իշխողաց շահապիսեաց, 2. Պարսկական խանից, շխիսլամաց, եւ այլոց այսպիսեաց գործակալաց, 3. Օսմանցւոց թագաւորաց, 4. Օսմանցւոց փաշայից եւ այլոց իշխողաց, եւ 5. Ղապալայ եւ վախուպնամա կոչուած գրութիւններ, որոնք են նուիրատուութեանց պաշտօնագիրներ զանազան լեզուներով: Վերջին գլուխը նուիրուած է վանօրէից որ յերկրոջս Երեւանու, եւ այս կարգին կը յիշուին, 1. Գեղարդայ վանք, 2. Հաւուցթառ, 3. Խորվիրապ, 4. Աղջոց վանք, 5. Գետարգել, 6. Կարենու վանք, 7. Մաքենեաց, 8. Խութավանք, 9. Կեչառիս, 10. Հայրեվանք, 11. Շղուանք, 12. Սեւան, 13. Բջնի, 14. Ղբչաղ, 15. Գօշ, 16. Տեղեր, 17. Սաղմոսավանք, 18. Յոհաննավանք, 19. Նիգ, 20. Մողնու, եւ 21. Անանիա առաքեալ: Այսչափը բաւական ըլլայ փոքրիշատէ գաղափար մը տուած ըլլալու համար Սիմէոնի նշանաւոր աշխատութեան, որով եթէ մէկ կողմէն իր գործունէութիւնն ու արդիւնաւորութիւնը կը յայտնուի, միւս կողմէն ալ ժամանակին պարագաներուն եւ Մայրաթոռին կացութեան վրայ գաղափար մը կը կազմուի:

2080. ՆԱԼԵԱՆԻ ՎԵՐՋԻՆ ՕՐԵՐԸ

Երբոր Էջմիածինի մէջ Սիմէոնի հայրապետական գործունէութիւնը կը սկսէր, անդին Կ. Պոլսոյ մէջ Նալեանի պատրիարքական գործունէութիւնը կը փակուէր, թէպէտ տարաժամ, զի դեռ 62 տարեկան էր, եւ տակաւին արդիւնաւոր գործունէութեան տարիք ունէր: Բայց ախտ մը չարաչար, մաշարայական կոչուած ընդհանուր բառով ( ԳԱԼ. 307), զայն կը հիւծէր, որ ժամանակակիցներէն արտաքին երեւոյթովը միայն բացատրուած է, թէ օր ի վերայ աւուր սաստկանայր ցաւն եւ նիհարանայր մաշելովն ( ՊԱՍ. 12), որով յայտնի չէ թէ թոքախտ էր կամ սիրտի ախտ, եւ կամ սպիտակախտի հետեւանք: Նալեան օրօրի ոյժերը կը կորսնցնէր, եւ ի զուր օդափոխութեամբ եւ զգուշաւորութեամբ կ՚աշխատէր կազդուրուիլ, գործը չէր լքաներ, եւ Իւսկիւտարի Երուսաղէմատունը փոխադրուելով, երբեմն երբեմն ձիով իւրով զգնայր եւ ընթանայր, վասն առողջութեան անձին իւրոյ: Վերջին զատկի պատարագին, 1764 ապրիլ 11-ին, տեսնուեցաւ որ հազիւ հազ կրցաւ զայն աւարտել ոչ կանգնելով երբեք ի յոտին, եւ Գրիգոր վարդապետ Պասմաճեան կը վկայէ, թէ գրեթէ զարարողութիւնս զոմանս մեք առնէաք, զի ըստ որում առ մերձ իւր էաք վասն սպասարկութեան: Անկէ ետքն ալ` նորէն ձիավարելու դարմանին կը դիմէր, չենք իմանար իflնչ եւ որոflւ խորհրդով, մինչեւ որ օր մը` ա'լ ձիու վրան կենալ չկրնալուն, ի վերայ թէճկէրէի բերին ի վանքն եւ հանգուցին ի մէջ մահճի ( ՊԱՍ. 14): Ասոր վրայ աւագանին ալ յուսահատեցաւ անոր կեանքին վրայ, եւ նոր պատրիարքի ընտրութեան պէտքը զգաց: Նալեանի առաջարկեց, եւ նոյն ինքն եւս հաճեցաւ ի խորհուրդս եւ զիջաւ ի կամս նոցին, եւ իբր իր յաջորդ ցուցուց Սամուէլ Երզնկացի եպիսկոպոսը, որ Պրուսայի առաջնորդ էր: Բայց Սամուէլ թօթափեաց զօձիս իւր, եւ ոչ մի կերպով չուզեց Պրուսայէ հեռանալ եւ պատրիարքական տագնապին մատնուիլ ( ՊԱՍ. 14): Սարգիս Սարաֆեանի ներբողաբանը կը յիշէ թէ Նալեան Սամուէլէ առաջ Սարգիսի առաջարկած ըլլայ պատրիարքական յաջորդութիւնը, եւ Սարգիս զայն մերժած ըլլայ ( ԳԱԼ. 106): Սակայն ներբողաբանը կրնար միայն Սարգիսի բերնէն լսած անձնագով յոխորտաբանութիւնները կրկնել, եւ ոչ իսկութիւնը պատմել: Սարգիսի ալ Գաղղիոյ եւ Նէապոլսոյ դեսպանները վկայութեան կոչելը ( ԳԱԼ. 307), առ առաւելն հռոմէականաց ծածուկ դարձուածները կրնայ ցուցնել, եւ ոչ ազգին կամքը, որ կասկածաւոր նկատուած Սարգիսի վրայ երբեք չմտածեց, ինչպէս յայտնի կը տեսնուի Պասմաճեանի մանրամասն եւ ոչ կասկածելի յիշատակարանէն, ուր Սարգիսի անունն իսկ յիշուած չէ: Սամուէլի մերժումէն ետքը, ապա յետ այնորիկ դարձուցին զմիտս եւ զխորհուրդս իւրեանց առ ի առնել ի վերայ մերոյս տկարութեանս, կը գրէ Պասմաճեան ( ՊԱՍ. 15), որ Երուսաղէմի փոխանորդն էր, եւ թէպէտ նա ալ կամեցաւ խոյս տալ, գլխաւորապէս դեռ եպիսկոպոս չ՚ըլլալուն, եւ Կ. Պոլսոյ մէջ ալ 12 եպիսկոպոսներ գտնուելուն պատճառով ( ՊԱՍ. 105), սակայն վերջիվերջոյ հարկեցուցին ընդունել, յիշելով թէ Յովհաննէս պատրիարքն Ամրտոլցին ալ, որ է Կոլոտը, ի բազում ժամանակս առանց եպիսկոպոսութեան արար զպատրիարքութիւնս ( ՊԱՍ. 15):

2081. ԳՐԻԳՈՐ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ

Նոր ընտրութեան հանդիսական եւ վճռական ձեւ տալու համար, աւագանւոյն խորհրդով մեծ ժողով մը հրաւիրուեցաւ պատրիարքական Մայր եկեղեցին, որ եւ գումարուեցաւ 1764 մայիս 13-ին, Երեւման խաչի հինգշաբթին, որուն ներկայ եղողներ գրեթէ աւելի էին քան զհազար անձինք ( ՊԱՍ. 16): Ինքն Նալեան ալ Իւսկիւտարէ իջաւ եւ եկն պատգարակօք ( ՉԱՄ. Գ. 873), պերճախօս ատենաբանութեամբ յայտնեց իր հիւանդութիւնը, եւ յօժարակամ հրաժարականը, եւ Գրիգոր վարդապետին ընտրութիւնը, եւ բազմութիւնը տուաւ իր հաճութեան եւ ընդունելութեան յայտարարութիւնը: Պասմաճեան բեմ առաջնորդուեցաւ, Նալեան ծերունին յարեաւ ի յաթոռոյն, ընդ նմին եւ հասարակութիւնքն, գիրկս արկեալ համբուրեաց, խրատական մըն ալ խօսեցաւ, իր իսկ մատանին եւ գաւազանը յանձնեց, եւ մէկ ազնուագոյն փիլոն ձգեաց ի վերայ, եւ նոյն տեղ իր հրաժարման եւ Գրիգորի ընտրութեան պաշտօնագիրը գրեցեալ եւ կնքեցեալ` նորընտիրին յանձնեց, եւ պատրիարքարանէ ելնելով Գումքաբուի Երուսաղէմատունը բնակեցաւ: Մայիս 14-ին պետական պաշտօնեաներ եկան Նալեանի հրաժարականը իր բերնէն հաստատել, զի Մուսթաֆա Գ. սուլթան, զարմացեալ կամաւոր հրաժարականին վրայ, կասկածած էր թէ մի' գուցէ խաբէութեան բանս ինչ լինիցի ի մէջ յայսմ գործողութեանս: Մայիս 15-ին շաբաթ օր, Գրիգոր վարդապետ Պասմաճեան արքունի դուռը գնաց, զգեցուցին զխիլայն արքունական, եւ մայիս 16-ին կիրակի առտու, Մայր եկեղեցի իջնելով իր առաջին քարոզը խօսեցաւ, յայտնելով զշնորհակալութիւնս ի ծերունի հայր պատրիարքէն, եւ օրհնելով բոլոր ազգը, եւ զտէրութիւն եւ զթագաւորութիւն: Երկուշաբթի մայիս 17-ին Նալեան ժողովեալ զկահս եւ զկարասիս, իւրայնովն հանդերձ գնաց ի յԻւսկիւտարու վանքն, եւ մենք, կը գրէ Պասմաճեան, ապա զկնի յայնմ սկսաք պարապիլ գործով մերով ( ՊԱՍ. 16-18):

2082. ՆԱԼԵԱՆԻ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

Երկու ամիս եւս ապրեցաւ Նալեան հրաժարականէն ետքը, եւ այդ օրերուն մէջ, հոգաց իր ժառանգութիւնը բաժնել, եւ զոր ինչ եկեղեցական զսպասս ունէր, բոլորն ալ ձեռամբ իւրով բաշխեաց, աթոռոց, վանօրէից, եկեղեցեայց եւ աղքատաց: Իր դրամական կարողութիւնը հրամայեց որ շահեցնեն, եւ վերայ եկեալ շահուցն մի մասը յատկացնեն որբ աղջկանց որ են աղքատք, առ ի հոգալ զպէտս եւ զպակասութիւնս սակս ամուսնութեան նոցին: Շահերուն երկրորդ մասը յատկացուց աղքատ եւ որբ մանկանց տղայոց, զի ձրիաբար ընթերցուցանիցին, եւ երրորդ մասը վասն աղբեր ջուր բերելոյ Իւսկիւտարի Նոր թաղ կամ Եէնիմահալլէ կոչուած մասին համար, ինչ որ շինուեցաւ յաջորդին հոգածութեամբ: Բոլոր դիրքերը ետ եւ պարգեւեաց Գումքաբուի պատրիարքականի եկեղեցւոյն ( ՊԱՍ. 18), որ կազմած է անշուշտ Մայրեկեղեցւոյ գրադարանին գլխաւոր հարստութիւնը, վասնզի գիտենք որ հետամուտ էր գիրքեր հաւաքել, կարդալ, ուսումնասիրել, գրել ու հրատարակել: Առանց վարանման կրնանք յայտարարել, թէ Նալեան Կ. Պոլսոյ պատրիարքական աթոռին վրայ դրական արդիւնաւորութեամբ եւ ուսումնական արժանիքով ամենէն բարձր անձնաւորութիւնն եղած է, ոչ միայն իր հմտութեամբ եւ աշխատութեամբ, այլեւ ուսումը տարածելու համար թափած ջանքովը: Զի ինքն էր որ հաստատեց Գումքաբուի Մայր-Դպրատունը, որուն նախաշաւիղ եղաւ նախ` սա ինքն մեծ րաբունապետն եւ աստուածաբան պատրիարքն Բիւզանդիոյ Յակոբ ( ՏԱՇ. 118), որ եւ անձամբ նոյնին մէջ կը դասախօսէր: Դպրոցին գլխաւոր վարիչն էր Պաղտասար դպիր, որ Նալեանի համահաւասար արդիւնք ունեցած է, կարող աշակերտներ հասցնելով, որոնց կարգէն է Սիմէոն Երեւանեցի կաթողիկոսն ալ ( ԵՐՑ. Ա. 77): Նալեանի թողած երկասիրութեանց մէջ յիշենք քանիները իրենց հրատարակութեան թուականներով: Վէմ հաւատոյ 1733, Քրիստոնէական 1737, Մեկնութիւն Նարեկի 1745, Հոգեշահ 1746, Ճրագ ճշմարտութեան 1756, Զէն հոգեւոր 1757, Գանձարան ծանուցմանց 1758, Գիրք աղօթից 1760, Յառաջաբան Եզնիկի 1762, եւ տետրակ մը Զունայնութենէ կենցաղոյս, մահուանէ ետքը հրատարակուած (01 ՕՐԱ. 145): Նալեանի ձեռնասուն աշակերտներուն կարգին յիշուած են` վարդապետներէն, Աթանաս, Յովսէփ, Սահակ որ եւ Ղեւոնդ, Կարապետ Պէպիւրօղլու, Ստեփան Պէյօղլուցի, Յովհաննէս Խոյեցի, Բարսեղ, Գրիգոր Տիվրիկցի, Սարգիս Կեսարացի, եւ Միքայէլ. իսկ սարկաւագներէն Գաբրիէլ` առաջ Պաղտասար, Մխիթար որ եւ Գէորգ, Մաղաք Պալաթցի` վերջէն բաժակարբու եղած, Մելքիսեդ Պալաթցի` վերջէն ըստ աշխարհի եղած, Արսէն Լանկացի, եւ Գրիգոր Պալաթցի` Եւդոկիա վախճանած ( ՍՐԳ. ):

2083. ՆԱԼԵԱՆԻ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆԸ

Նկատողութեան արժանի կէտ մըն է Նալեանի ուղղութիւնը ժամանակին տիրող խնդիրներուն հանդէպ: Իր օրով մեծ յուզումներ տեղի չունեցան, եւ կաթոլիկամիտներու դէմ կարծեցեալ հալածանքներ չեն յիշուիր: Կոլոտէ ժառանգած խոհական ընթացքը Նալեան չփոխեց, եւ վայրապար խստութիւններով կացութիւնը չզայրացուց: Ասոր հետ մէկտեղ թոյլ եւ զիջողական ուղղութիւն ալ չունեցաւ, այլ մանաւանդ ջանաց անոնց ազդեցութիւնը կոտրել, եւ անոնց ծաւալողական քարոզութեանց արգասաւորութիւնը խափանել: Նկատելով որ աւելի ուսումնական ձեւով է որ լատինամիտներ կը յաջողին, եւ դպրոցական նրբութիւններով միտքեր կը պղտորեն, եւ լատինական գիրքերու հետեւողութեամբ կամ թարգմանութեամբ հրատարակութիւններ կը տարածեն, ինքն ալ ջանաց նմանօրինակ զէնքերու ոյժով անոնց դէմ մաքառիլ, եւ գրեթէ բոլոր իր երկասիրութիւնները հայադաւան վարդապետութիւնը պաշտպանելու կը ձգտին, սուրբ Գիրքէն եւ սուրբ Հայրերէն վկայութիւններ լուսաբանելով, եւ լատինական պատճառաբանութեանց անհիմն կամ սխալ ըլլալը մէջտեղ դնելով: Այս միջոցը շատ աւելի ազդեցութիւն ունեցաւ Լատինամիտ ճիգերը ամլութեան դատապարտելու, զի ազգային ուղղափառ եկեղեցւոյն հաւատարիմ հաւատացեալներ ձեռուընին փաստեր ունեցան, իրենց եկեղեցին մեղադրողներուն ու պախարակողներուն դիմադրել, եւ շպարեալ պատճառաբանութիւններէ չգայթակղիլ: Այդ երեսէն շատ մեծ եղաւ Նալեանի արդիւնքը Հայ եկեղեցւոյ համար, եւ իրաւամբ արժանի է որ Որոտնեցիէ եւ Տաթեւացիէ ետքը` մեր ուղղափառ սուրբ եկեղեցւոյն բազմերախտ վարդապետներուն հետ յիշուի իր անունը: Նալեան իր այդ ուղղութեամբը զօրացած չքաշուեցաւ մինչեւ իսկ շուրջը պահել Սարգիս Սարաֆեանի նման երկերես եկեղեցականներ, որոնք երբ արտաքնապէս եւ կատարելապէս հայադաւան պաշտօնէի գործերը կը կատարէին, ներքնապէս եւ ծածկապէս մերձաւորութեամբ շահիլ եւ շահեցնել կը ճգնէին: Նալեան վախ չունէր այսպիսիներուն մերաձաւորութենէն, ընդհակառակն զանոնք իրեն մօտ պահելով, անոնց գործունէութիւնը կը նուազեցնէր, եւ արտաքինով իրենց ներքինը ստել կու տար, եւ ժողովուրդին աչքին անազդեցիկ կը դարձնէր: Սարգիս Սարաֆեան, որ վերջէն ինքզինքը կատարեալ հռոմէադաւան եղած ցուցնելու պէտքը զգաց, մտերմութեամբ կը յաճախէր Նալեանի մօտ, իբր զի պատրիարքարանի իշխանութեան ներքեւ Ղալաթիոյ քարոզչութիւն կը վարէր: Իր գովաբանը կը սիրէ պատմել թէ Նալեանի հիւանդութեանց միջոցին Սարաֆեան զայն հռոմէադաւանութեան յորդորած ըլլայ, որով նա հեռացնէ զանձին վտանգ ի միւս կենի ( ԳԱԼ. 106): Սակայն այդ պատմութիւնը միայն յետ ժամանակաց Սարաֆեանի ըրած խօսակցութեանց վրայ կը հիմնուի. իսկ ժամանակին անցքերը գրող Պասմաճեան այսպիսի բաներէ տեղեկութիւն չունի, եւ Պասմաճեանի վկայութիւնն ալ հռոմէադաւաններու համար պէտք չէ կասկածելի ըլլայ: Մեզի բաւական է որ գովաբանն ալ կը խոստովանի, թէ Նալեան ունչս աւնելով պատասխանէր պատճառելով ( ԳԱԼ. 106), զոր երկրորդ գովաբանն ալ կ՚երկրորդէ, թէ Սարգիս տեսաւ, որ Յակոբ չուզէր որ այլեւս վրան խօսուի, ու լռեց ( ԳԱԼ. 306):

2084. ՆԱԼԵԱՆԻ ՄԱՀԸ

Նալեան անգամ մը Իւսկիւտարէ Կ. Պոլիս իջած էր, թերեւս մօտալուտ Վարդավառին առթիւ, որ յուլիս 18-ին կը հանդիպէր, սակայն այլ ոչ կարաց վերադառնալ ի սաստկութենէ տկարութեան, եւ Վարդավառի երկրորդ օրն, յուլիս 19-ին, երեկոյեան դէմ ժամը 11-ին, աւանդեաց զհոգի իւր, Գումքաբուի Երուսաղէմատունին մէջ: Գերեզմանին վրայ դրուած տապանագիրը, որ կը գտնուի Բանկալթիի գերեզմաննոցին մէջ, յուլիս 20 թուական կը դնէ, թաղման օրը նշանակելով, կամ թէ 19-ին արեւու մտնելէն` յաջորդ օրը սկսելով: Գոյժը անմիջապէս տարածուեցաւ, եւ պատրաստութիւններ եղան մեծահանդէս յուղարկաւորութեան համար, որ կատարուեցաւ Մայրեկեղեցւոյ մէջ երեքշաբթի յուլիս 20-ին, իսկ մարմինը մեծաւ հանդիսիւ եւ խուռն ամբոխիւ ( ՊԱՍ. 18) փոխադրեցին Պէկօղլու թաղին գերեզմանատունը, եւ հանգուցին Յակոբ Դ. Ջուղայեցի կաթողիկոսի գերեզմանին քովը 1793), ուր կը գտնուի ցարդ, վրան մեծ եւ փառաւոր գերեզմանաքար մըն ալ դրուած: Գրիգոր պատրիարք պաշտօնին բերմամբ գլուխ կանգնած էր յուղարկաւորութեան հանդէսին, որուն մասնակցած են Կ. Պոլիս գտնուող 12 եպիսկոպոսները, եւ վարդապետ պատրիարքը անոնց թողած է եկեղեցական ծիսակատարութիւնները: Յարութիւն Բասենցի նուիրակ եպիսկոպոսը կատարած է օծումը, եւ Սարգիս Սարաֆեան եպիսկոպոսն ալ դամբանականը խօսած է Բերայի գերեզմանատան մէջ, ելեալ ի վերայ միոյ բարձրագոյն գերեզմանաքարի: Այդ դամբանականի պէտքը զգացած է Պասմաճեան, տեսնելով որ բազմութիւն անձանց էր խստագոյն կարի բազում յոյժ, անոր համար հրաւիրած է Սարաֆեանը քարոզ մը խօսիլ, ի նոյն պահն մինչդեռ կատարիւր կարգ թաղմանն, գերեզմանին շուրջը համակուտակեալ եւ համախմբեալ բազմութիւնը անօսրացուցանելոյ եւ ցրուելոյ եւ հեռացուցանելոյ աղագաւ ( ՍՐԳ. ): Այդ պարագային մէջ մենք գլխաւորապէս կը դիտենք, ոչ Պասմաճեանի յարմար մտածմունքը, եւ ոչ ալ Սարաֆեանի քարոզին մէջ յաջողակութիւնը. այլ այն ներբողականները, զորս Սարաֆեան խօսեցաւ: Նալեանը գովելու համար յառաջ բերաւ անոր մեծամեծ ձիրքերը, բացառիկ արժանիքը, գովանի արդիւնաւորութիւնը, եւ ողբաց այն կորուստը` զոր ժողովուրդը կը կրէր զրկուելով յայնպիսի հոգեւոր հօրէ եւ քաջ հովուէ, յուղղախօս վարդապետէ եւ նրբամիտ քարոզչէ ( ՍՐԳ. ): Եթէ իր հռոմէադաւան համոզմանց վրայ անկեղծ եւ հաստատուն մէկ մը եղած ըլլար Սարաֆեան, պիտի չկարենար գովաբան կանգնիլ Նալեանի մը, որ շարունակ հռոմէադաւանութեան դէմ մաքառող եւ հայադաւանութեան պաշտպան էր կանգնած: Որ երբեք իր ուղղութիւնը չէր ստած, եւ որուն հիւանդութեան անկողնին մէջ ալ` նոյն Սարաֆեանի, իր խօսքով, ըրած յորդորներն արդիւնք չէին ունեցած, եւ զորս ունչս առնելով մերժած էր Նալեան: Հետեւաբար եթէ առնէր Սարգիս ի նոյն վայրին` ողբերգաբար զգովեստ նորին, ապա իրաւունք չունէր վերջէն Նալեանը մեղադրել, իր կենսագիրին թելադրելով անոր մասին, թէ եղուկ մարդահաճի, որ զսին փառս այս աշխարհի, ի վեր դասէ քան զփառս երկնի, զայն հռչակեալ որպէս բարի ( ԳԱԼ. 107): Բայց Սարաֆեանի յեղյեղուկ եւ երկերես եւ շահադէտ ընթացքը այլեւս նոր բացատրութեանց չի կարօտիր: Սարաֆեանէ ներշնչուած Նուրտինեանի գրիչին տակ` Նալեան կը մեղադրուի իբր աթոռոյն գերի հաւան ( ԳԱԼ. 107), եւ կ՚երեւի թէ Սարաֆեանի սիրտին ցաւ եղած էր Նալեանի պատրիարքութեան մէջ 23 տարի մնալը, որով իր ակնկալութիւնները չէին իրագործուած, եւ ի յաւելածոյ սրտի կազմած է` Նալեանի իրեն առաջարկելուն եւ իր մերժելուն մուրացածոյ դարձուածքները 2080):

2085. ՍԻՄԷՈՆԻ ՁԳՏՈՒՄՆԵՐԸ

Գրիգոր պատրիարք իր պաշտօնավարութեան սկիզբը` Սիմէոն կաթողիկոսի հետ ընդհարման մէջ գտնուելու պարտաւորուեցաւ: Սիմէոն կաթողիկոսի համոզումն էր, թէ բոլոր առաջնորդներ պէտք է Մայրաթոռէն անուանուին, եւ ուղղակի անոր անսան, եւ թէ Կ. Պոլիս ալ առաջնորդութենէ մը աւելի չէ: Սիմէոնի կարծիքով, անդր նստող առաջնորդքն միշտ գնալով ի յամբարտաւանութենէ յամբարտաւանութիւն, հեստեցան ի ճանապարհէն ճշմարտութեան, սկսան պետական հրամանով պաշտօն ստանձնել, եւ առանց Մայրաթոռի անուանման սպասելու պաշտօն վարել, եւ որովհետեւ կառավարութիւնը սովոր էր անոնք փաթրիկ անուանել, ուստի ի հասարակութենէ գռեհկաց սովորութիւն եղեւ պատրիարք կոչել: Թէ այդ դրութիւնը յառաջելով, Կ. Պոլսոյ պատրիարքները ոչ միայն իրենք ընդվզեցին, այլեւ ուրիշ վիճակներն ալ, որոնց առաջնորդքն ըստ օրինի ի սրբոյ Էջմիածինէ եւ ի սմա նստող կաթողիկոսէն կարգէին, հետզհետէ իրենց իշխանութեան ներքեւ անցուցին, եւ սկսան իրենք առաջնորդներ անուանել, այնպէս որ վերջիվերջոյ գրեթէ զբոլոր առաջնորդական վիճակսն, որք ընդ տէրութեամբն Օսմանցւոց, արկին ի ներքոյ հրամանագրի Օսմանցւոց, բաց ի յոմանց տեղեաց ( ՋԱՄ. 56), որոնք այն ատեն երկուք միայն մնացած էին, Զմիւռնիա եւ Պաղտատ ( ՋԱՄ. 48): Սիմէոնի այդ համոզումը, եթէ բացարձակ կերպով եւ հնաւանդ սովորութեամբ կրնար արդարացի սեպուիլ, սակայն չէր արդարանար պարագաներու փոփոխութեան եւ Օսմանեան օրէնսդրութեան հոգին ըմբռնելով: Մահմետական պետութիւնը Կ. Պոլսոյ տիրանալով պարտաւորուած էր քրիստոնէից կացութիւնը ճշդել օրէնքի առջեւ, եւ անոնց օրինական կացութիւնը կանոնագրել իսլամական գրութեան հանդէպ: Այս բանին լուծումը գտած էր, ազգապետական գրութիւնը ստեղծելով, որով իւրաքանչիւր քրիստոնեայ ազգութեան հոգեւոր պետը գլուխ եւ պատասխանատու եւ կարգադրող կը ճանչցուէր` նոյն ազգութեան ներքին եւ կենցաղական եւ կրօնական կեանքին, եւ հնար չէր դուրսէն օտար պետի մը ձեռնհասութիւնը ճանչնալ Օսմանեան հպատակ ազգութեան մը վրայ 1486): Կ. Պոլսոյ Հայ պատրիարքութիւնը անհրաժեշտ հետեւանք էր այդ օրէնսդրութեան, որ եթէ սկիզբէն աւելի ամփոփ էր, Օսմանեան պետութեան ընդարձակութիւնն ալ նուազ ըլլալուն, սակայն դրութիւնը պիտի ընդարձակուէր Օսմանեան տիրապետութեան տարածուելովը 1487): Սիմէոն որ երկար ատեն Կ. Պոլիս կեցած էր, պէտք էր այդ անհրաժեշտ կացութիւնը լաւ ուսումնասիրուած ըլլար, եւ պէտք չէր որ հին ժամանակներու սովորութեան կառչելով` ներկային պահանջը անգիտանար. եւ երբ կը պնդէր թէ Կ. Պոլսոյ առաջնորդը ոչ է պատրիարք, պիտի չյայտարարէր թէ որպէս պատրիարք էին Արտազու եւ Տաթեւի եւ Բջնիի եւ Հաղբատի առաջնորդները ( ՋԱՄ. 55): Սիմէոնի այդ կարծիքներուն մասին անգամ մըն ալ խօսած ենք Կարապետ Ուլնեցիի ընտրութեան առթիւ 1947):

2086. ՓՈԽԱՆՈՐԴԻ ԽՆԴԻՐ

Սիմէոն միայն ներքին համոզմամբ չգոհացաւ, այլ կաթողիկոսական աթոռ բարձրանալէն, Տաճկահայոց հաւանութիւնը առնելէն 2073), եւ 1764 փետրուար 12-ին, Օսմանեան կառավարութենէն իրեն համար Նալեանի ստացած հրովարտակն ալ ձեռք անցընելէ ետքը ( ԴԻՒ. Գ. 55), ուզեց Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը պարզ առաջնորդութեան վերածել, եւ կաթողիկոսութիւնը Կ. Պոլսոյ մէջ ուղղակի գործող եւ ազգութիւնը վարող իշխանութիւն դարձնել: Այդ նպատակով մտածեց Կ. Պոլսոյ մէջ կաթողիկոսական փոխանորդ մը դնել, նուիրակէն տարբեր, որ երբ նուիրակը լոկ հասոյթներով եւ նուէրներով զբաղի, փոխանորդը վարչութեան գլուխ կանգնի եւ պատրիարքին վրայ ալ իշխանութիւն գործածէ: Այդ մասին իրեն համամիտ եւ գործադիր գտնուեցաւ Աբրահամ Աստապատցի եպիսկոպոսը, որ Զմիւռնիոյ առաջնորդական պաշտօնին շրջանը լրացնելով Էջմիածին դառնալու համար Կ. Պոլիս եկած էր, բայց հեռանալ չէր սիրեր, եւ Էջմիածին փակուիլ չէր յօժարեր: Պատմիչ մը Աստապատցիին կը վերագրէ Կ. Պոլսոյ մէջ կաթողիկոսական փոխանորդ հաստատելու գաղափարը ( ՉԱՄ. Գ. 872), սակայն մենք գիտնալով Սիմէոնի միտքը, աւելորդ կը տեսնենք դուրսէ թելադրութիւն ենթադրելը, մանաւանդ որ Աստապատցիին խորհուրդը աւելի ելեւմտական գործակալութիւն էր, Երուսաղէմի փոխանորդներուն նման, քան թէ Սիմէոնի խորհած իշխանական ներկայացուցչութիւնը: Վերջապէս երկուքին միտքերը զիրար կը լրացնէին: Սիմէոն իր միտքին գործադրութիւնը յապաղեց, նախ որ հազիւ 1764 փետրուարին ստացաւ սուլտանին հրովարտակը, եւ երկրորդ որ Նալեանի անձը պատկառանք կ՚ազդէր իր վրայ ալ: Բայց հազիւ թէ իմացաւ անոր մահացու հիւանդութիւնը եւ գործէ քաշուիլը, պէտք եղած պաշտօնագիրները պատրաստեց եւ Աբրահամին ղրկեց, եւ գիրերը հասցէին հասան Նալեանի թաղումէն ետքը ( ՉԱՄ. Գ. 874). միայն թէ այդ գիրերուն մասին ակնարկ չենք գտներ Սիմէոնի յիշատակարանին մէջ: Գրիգոր պատրիարք պէտք զգաց ժողով գումարել, եւ Աստապատցին հետամուտ եղաւ համամիտներ պատրաստել, եւ յաջողեցաւ Արեւելցիներ կոչուած մեծամեծներուն, այսինքն Պարսկահայ գաւառներէ գաղթած վաճառականներուն մէջ: Սակայն բնիկ Կ. Պոլսեցիներ եւ Տաճկահայ ամիրաներ հակառակեցան, պատճառելով թէ այնուհետեւ երկու գլուխք լինին ի Կոստանդնուպոլիս, եւ յայտարարելով թէ պատրիարքը բաւական է Մայրաթոռոյ իշխանութիւնը ներկայացնել: Թէպէտ ժողովը լուծուեցաւ առանց որոշման, բայց փոխանորդութիւնը չ՚ընդունողներ, միանգամ եւ երկիցս եւ երիցս ստիպեցին Աստապատցին, որ յօժարակամ մեկնի, եւ թէ իրենք կաթողիկոսին պէտք եղածը կը գրեն: Երբոր Աստապատցին կ՚ընդդիմանար, եւ Արեւելցիներու խումբը շփոթութիւններ կը գրգռէր, միւս խմբակը պատրիարքը ստիպեց Աստապատցին հեռացնել, որ արքունի հրովարտակով Էջմիածին ղրկուեցաւ ( ՉԱՄ. Գ. 875): Հեռացման թուականը նշանակուած է 1764 սեպտեմբեր 29-ին ( ՊԱՍ. 19):

2087. ՍԻՄԷՈՆԻ ՑԱՒԻԼԸ

Աստապատցիին հեռացուիլը մեծ նշանակութիւն ունեցաւ Պասմաճեանի անձին եւ գործունէութեան վրայ. ինքն իսկ զայն բոլոր իր ձախորդութեանց սկզբնապատճառ կը նկատէ, եւ աւելորդ չսեպուի, եթէ քիչ մը մանրամասնութեանց մտնանք եղելութեանց ներքինը բացատրելու համար: Պասմաճեան իր յիշատակարանին մէջ Աստապատցիին համար` միայն անցողակի կը գրէ, թէ վասն ոմանց պատճառաց յաքսորս առաքեցաւ ի յաթոռն Էջմիածին. իսկ պատճառին բացատրութիւնը կը թողու պատմողօրէն գրեցեալ ողջունագրոյն, միանգամայն յարելով թէ այս պատճառով եղաք ատելի ազգին, կաթողիկոսին եւ աթոռոյն ( ՊԱՍ. 19): Իրօք ալ մեծապէս սրտմտեցաւ Սիմէոն, ոչ միայն իր նպատակը մերժուած, այլեւ իր փոխանորդ նշանակած անձը անարգուած, եւ պատրիարքական առաջարկով եւ պետական հրամանով Կ. Պոլսէն հեռացուած տեսնելով: Ինչչափ ալ մինչեւ աստիճան մը իր զայրոյթը զսպեց, եւ ծայրայեղ որոշումներու չձեռնարկեց, բայց երբեք չկրցաւ մոռնալ կրած ձախողուածը ու անարգանքը, ինչ որ Ջամբռի մէջ գործածուած բուռն լեզուէն ալ կը յայտնուի ( ՋԱՄ. 56): Աստապատցիին հեռանալէն ետքը, Կ. Պոլսոյ մեծամեծներ առաջարկեցին որ ոչ թէ կաթողիկոսական փոխանորդ մը, այլ պարզ կալուածոց հսկող կամ միւթէվէլլի մը գտնուի Էջմիածինի կողմէ, եւ Սիմէոն զիջաւ այդ պաշտօնին մէջ հաստատել Բարսեղ ծերունի վարդապետը (01 ՕՐԱ. 150). սակայն կացութիւնը հիմնապէս չբարւոքեցաւ: Պասմաճեան վերը ակնարկուած պատմողօրէն ողջանագիր գրութեան մէջ, զոր ուղղած է առ վսեմամիտ ընթերցողս ( ՊԱՍ. 98), իրեն անկման հեղինակ կը ցուցնէ ազդեցիկ ամիրա մը, զոր պերճաշուք եւ բարեբաստիկ իշխանապետ իշխանաց եւ առաջնորդ ազգին կ՚անուանէ ( ՊԱՍ. 103), եւ անունը չտար: Բայց յիշատակարանին ուսումնասիրողը կը հաստատէ, թէ մահտեսի Գասպար ամիրա Մուրատեանն է ակնարկուած անձը ( ՊԱՍ. 136): Պասմաճեան բողոքելով կը յայտարարէ. զինչ կայր ի մէջ իմ եւ ի մէջ Աբրահամ վարդապետին. եւ կը յաւելու թէ ամիրան զինք առնելով գործիք յագուրդ տուաւ իւրոյ քինախնդիր լինելոյն, որով կ՚իմանայ Աստապատցիին գործունէութիւնը Ահագինը տապալելու մասին 2056): Վասնզի Սահակ Կ. Պոլսոյ ամիրաներուն պաշտպանածն էր եղած 2042), որոնք կարծես թէ տակաւին չէին ներած Երեւանեցիին եւ Աստապատցիին` Ահագինը հրաժարեցնելու համար ըրած ջանքերնին ( ՊԱՍ. 108), եւ Աստապատցին մերժելով երկուքէն միանգամայն վրէժ լուծել կը խորհէին: Պասմաճեան մանրամասնելով ամիրային աքսորի գործին մէջ ունեցած դերը կը պատմէ, թէ գիշեր մը ժամը 3-ին իրեն մօտ եկած է առ ի սրբագրել աքսորման համար զգրեցեալ զարզն. թէ նա ինքն խորհուրդ տուած է հրովարտակը ստանալէն ետքը Աստապատցին ճաշի հրաւիրել Իւսկիւտար, եւ աքսորին վերակացու չավուշն ալ հոն բերելով, ձեռքը յանձնել ( ՊԱՍ. 107): Կերցուր եւ խմցուր ըսած է ամիրան, եւ զկնի տուր ի ձեռս տանողին ( ՊԱՍ. 108): Պասմաճեան ալ միամտաբար գործադրած է իրեն տրուած հրահանգը, եւ կ՚աշխատի այս կերպով պատասխանատուութիւնը իրմէ հեռացնել:

2088. ՍԻՄԷՈՆ ԵՒ ԳՐԻԳՈՐ

Պասմաճեանի վրայ հնար չէ չ՚արգահատել, տեսնելով` որ խարդախ հակառակորդներու ձեռք խաղալիք դարձած` բարեմտաբար եւ միամտաբար կը գործէ, եւ անոնց ձախող հրահանգները կը գործադրէ, եւ ինքն ալ իր անկման եւ անարգման գործակից կը դառնայ: Սակայն միւս կողմէն պէտք է եւս դիտել, թէ ով որ բարձր եւ պատասխանատու պաշտօնի մը վրայ կը գտնուի, պէտք է իր անձին եւ իր գործին իսկապէս տէրն ըլլայ, որպէսզի ոչ զինքն անարգէ եւ ոչ գործը անարգէ. եւ չի կրնար իր պատասխանատուութիւնը վարկապարազի պատճառանքներով թոթափել: Բարեմտութեան գովեստը չենք ուրանար, բայց պէտք չէ զայն մղել մինչեւ այն կէտը, որ ինքզինքը ցուցնէ ի յամենայն կողմանց թափուր եւ զուրկ, դատարկ եւ խեղճ, ինչպէս Պասմաճեան կը խոստովանի եղած ըլլալ: Կը յարէ իսկ, թէ ի յամենայն գործողութիւնս իմ ունիմ զկախումն զնմանէ, վերոյիշեալ ամիրայէն, որ ըստ իւրոյ դիտման կամէր զմեզ գործիք ունել ի ձեռին իւրում ( ՊԱՍ. 101): Առեղծուածային ըլլալու չափ անբացատրելի կը դառնայ Պասմաճեանի պաշտօնավարութիւնը, երբոր կը տեսնենք, որ այսչափ տկար եւ երերուն ըլլալով մէկտեղ, գրեթէ 10 տարի աթոռին վրայ կը մնայ մինչեւ 1773. ոչ մեծամեծներ եւ ոչ ազգը կ՚ուզեն զայն տապալել, եւ ոչ ինքը հաստատամիտ զզուանքով մը կը խորհի դժուարին կացութենէն դուրս ելլել: Պասմաճեան չուզելով ալ ցաւցուցած էր Սիմէոն կաթողիկոսը, սակայն բարեբախտաբար Սիմէոն շուտով իմացաւ թէ Պասմաճեան իր գործերուն նախապատճառը եւ անկախ հեղինակը չէր, եւ չուզեց իր հակառակութիւնը յառաջ վարել մինչեւ վերջին ծայրը: Պասմաճեանի կացութիւնը տկարացնող պատճառներուն գլխաւորներէն մէկն ալ եպիսկոպոսական աստիճանն էր, որով ստորնագոյն դիրք մը ունենալ կը նկատէր բազմաթիւ եպիսկոպոսներու հանդէպ, որոնք մայրաքաղաքին մէջ կը գտնուէին: Նոյն իսկ ընտրութեան ատեն այդ պարագան նկատի առնելով, Պասմաճեանի խոստացուած էր, զայդ հոգդ մեք կու հոգամք, դու ամենեւին հոգ մի աներ, միայն թէ դու այժմս ի յանձդ առ զայս գործ եւ զպաշտօնս ( ՊԱՍ. 117), բայց երբոր Պասմաճեան Էջմիածին երթալ ուզեց, ամիրան ընդդիմացաւ յայնմ խորհրդոյ, անպատշաճ ցուցնելով Օսմանեան պետութեան պատրիարքի մը օտար տէրութեան երկիրն երթալ ( ՊԱՍ. 117), բայց երբոր Պասմաճեան Էջմիածին երթալ ուզեց, ամիրան ընդդիմացաւ յայնմ խորհրդոյ, անպատշաճ ցուցնելով Օսմանեան պետութեան պատրիարքի մը օտար տէրութեան երկիրն երթալ ( ՊԱՍ. 117): Այս պատճառով մեծամեծներու բերնէն գրուեցաւ կաթողիկոսին աղերսանօք, չխնդրել եւ չհարկել այն ի սուրբ աթոռն Էջմիածնի գալ, ցուցանելով իսպառ անկարելի, վասն լինելոյ հրամանաւ եւ ֆէրմանաւ թագաւորին: Սիմէոն նկատելով որ պատճառը յիրաւի էր իսկ ( ԴԻՒ. Գ. 404): 1765 սեպտեմբեր 10-ին, խաղաղութեան եւ հաշտութեան հրաւէր կարդալէ եւ սիրոյ հրամաններ տալէ ետքը, որովհետեւ, կ՚ըսէ, պատրիարքը մեր եղբայր է եւ սերելի այսուհետեւ, տուաք հրաման թագ դնել ի գլուխն, զթագ դնել ի ժամ սրբազնագործութեան պատարագի, յաւելլով թէ բաց ի պատրիարք վարդապետէ յեղբօրի մերմէ, այլք վարդապետք որք չեն եպիսկոպոսք` չունին հրաման դնելոյ եւ ի կիր արկանելոյ ( ՊԱՍ. 45):

2089. ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴԻՐ

Պասմաճեան Սիմէոնի այդ բարեացակամութենէն քաջալերուած, առաջարկեց որ արտօնութիւն տայ Կ. Պոլիս գտնուող եպիսկոպոսներուն ձեռքէն ձեռնադրութիւն ստանալ ( ԴԻՒ. Գ. 699), իբրեւ բացառիկ պարագայ մը, քանի որ Նիկիական կանոնով ալ վաւերական կը սեպուէր երեք եպիսկոպոսներու ձեռքով կատարուած ձեռնադրութիւնը: Սակայն Սիմէոն բացէբաց մերժեց այդ առաջարկը, եւ իրաւամբ. վասնզի օրինակ տուած եւ դուռ բացած պիտի ըլլար ապագային ալ, որեւէ պատճառանքով կամ պատրուակով առանց կաթողիկոսի ձեռնադրութիւն կատարելու: Մենք ալ կ՚ընդունինք թէ վաւերականութեան կողմէն կրնայ հիմնուիլ Նիկիական կանոնին վրայ, եւ թէ ձեռնադրութիւն կատարելը մետրապոլտական է, եւ ոչ տիրապէս պատրիարքական իրաւունք մըն է: Սակայն մեր եկեղեցւոյն մէջ հնաւանդ, եւ գրեթէ նախնական սովորութեան եւ հաստատուն օրէնքի ոյժ ստացած է եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը կաթողիկոսին վերապահելու կանոնը, եւ չէինք ուզեր որ այն որեւէ կերպով խախտուէր կամ վտանգուէր: Մանաւանդ մեր ազգին ներկայ վայրավատին եւ ցրուած վիճակին մէջ, միւռոնի օրհնութեան եւ եպիսկոպոսի ձեռնադրութեան կաթողիկոսին յատկացուած ըլլալը, զօրաւոր ազդակ մը կը կազմէ պարտաւորեալ յարաբերութեան եւ անբաժին միութեան, եւ պէտք է որ Հայերս գուրգուրանքով պահենք զայն ինչ ալ ըլլայ այդ մասին ուրիշ եկեղեցիներու տարբեր սովորութիւնը: Սիմէոն այնչափ առջեւ գնաց իր պնդումին վրայ, որ Պասմաճեանի Էջմիածին երթալուն անհրաժեշտութեանը համակերպելով, յանձնառու եղաւ թէ գրով եւ թէ բանիւ իւրով ( ՊԱՍ. 117), եւ յատկապէս ալ գրեց ( ԴԻՒ. Գ. 702), որ ինքն Օսմանեան կայսրութեան մէկ քաղաքը կամ նոյնիսկ Կ. Պոլիս փոխադրուելով Պասմաճեանի ձեռնադրութիւնը կատարէ: Սիմէոն երկարօրէն բացատրած էր իր զլացումը, եւ միանգամայն հրամայած իր գիրը ընթեռնուլ ի ներկայութեան իշխանացն, զի եւ նոքա գիտասցեն ( ԴԻՒ. Գ. 703), բայց ստէպ յիշուած ամիրան, ուրիշներ ալ իրեն համաձայնեցնելով, այս անգամ ալ Սիմէոնի գալուստը արգելելու աշխատեցաւ, բերելով ի մէջ զբազում ընդդիմութեանս եւ զզանազան պատճառս: Այլ թէ այս դժուարութիւնները ինչ էին, բացատրուած չեն. միայն թէ Պասմաճեան` Կարապետ Ուլնեցիի 1944), եւ Թորոս Սսեցիի օրինակները կը յիշեցնէ ( ՊԱՍ. 117), ուստի կը հետեւցնենք, թէ Մայր աթոռէ դուրս ձեռնադրութեան պատճառանքը խօսուած պիտի ըլլայ: Այլ թէ ինչ կերպով գրեցին եւ Սիմէոնի գալուստը արգիլեցին, չենք գիտեր, միայն թէ անհնար եղաւ Պասմաճեանի զիւր թերութիւնն դարմանել եւ եպիսկոպոսանալ, թէպէտեւ կ՚ըսէ, եւս առաւել մեք կարէաք լինել, ըստ որում որ հարկաւոր եւս էր լինելն մեր, որովհետեւ բոլոր ազգին եւ Ստամպօլու քաղաքին ոչ-բարով-պատրիարք անուանեալ էաք ( ՊԱՍ. 117): Այսուամենայնիւ Պասմաճեան, լոկ վարդապետութեամբ, ինը տարի պատրիարքութիւն վարեց, եւ պէտք է իբրեւ կոյր եւ փոքրոգի նկատենք իրեն դէմ եղած հակառակութիւնը, որ երբ գլխաւոր կէտին այսինքն պատրիարք մնալուն յանձնառու կ՚ըլլար, եպիսկոպոսանալուն դէմ ահագին դիմադրութիւններ կը մղէր: Եթէ Պասմաճեանի օրինակը կ՚արդարացնէ եպիսկոպոս չ՚ըլլալով պատրիարք ըլլալու ենթադրութիւնը, սակայն անկէ ծագած անտեղութիւնները, միեւնոյն ատեն իբր ձախող եւ անյարմար կը ցուցնեն անոր կրկնումը. եւ իրաւամբ օրէնք եղած է այժմ` հարկաւ եպիսկոպոսական դասակարգէն առնել Կ. Պոլսոյ պատրիարքը:

2090. ՍԻՄԷՈՆԻ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Պահ մը Պասմաճեան պատրիարքը իրեն ալեկոծեալ եւ դժուարին կացութեան մէջ թողլով անցնինք Սիմէոնի գործունէութիւնն ու արդիւնաւորութիւնը բացատրել: Այն որ նոյնիսկ Ջամբռին մէջ աւելցուցած է Սիմէոնի գովեստը` համարձակ կը վկայէ եւ կը հաւաստէ, թէ անոր օրով Մայրաթոռն էր լի ամենայնիւք հոգեւորօք եւ մարմնաւորօք, ներքսականօք եւ արտաքսականօք, բեռնակրօք եւ լծկանօք, եւ կթելի անասնօք, բազմապատիկ քան զառաջինն, եւ միաբանքն հանգիստ եւ ապահով յամենայնի ( ՋԱՄ. 34), եւ ոչ ոք ի Տաճկաց կը յանդգնէր միաբանները հայհոյել եւ գանել, եւ տանել յԵրեւան, բանտել եւ տուգանել ( ՋԱՄ. 36): Այս ըսելէն կ՚անցնի անոր կաթողիկոսութեան օրով կատարուած շինութիւնները թուել, որոնց մէջէն գլխաւորները հարկ կը համարինք մենք ալ յիշել: Էջմիածինի վանքը եւ իրեն յարակից շէնքերը պարսպապատ չ՚ըլլալուն համար, շատ գողութիւններ կը հանդիպին եղեր, եւ մանաւանդ ամառները, երբ կաթողիկոսը Երեւան կը պատսպարուի եղեր: Սիմէոն թէ վանքը եւ թէ զամենայն անասնատունս` պարսպով կը շրջապատէ ամուր եւ հաստատուն բրգօք եւ դիտանոցօք: Վանքին վրայ կ՚աւելցնէ ամրան սեղանատունը տաշեալ քարիւ, մոմատունը, դպրատուները ձմռան եւ ամռան յատուկ, վեհարանի հարաւակողմը զգեղեցիկ դարպաս մի երկատակօք, որ Ղազարապատէ վեհարանը զննելու անպատեհութիւնն ալ խափանեց: Քանքանի ջուրին ճամբաները աւելցնելով ջուրը կը շատցնէ, եւ եկեղեցին ու խուցերը խոնաւութենէ կ՚ազատէ: Մայր տաճարին տանիքն ալ կը նորոգէ տաշեալ քարիւք, Քերվանսարայ կոչուած շէնքը կանոնաւոր շուկայի կը վերածէ, եւ վանքէն կը հեռացնէ: Նոյն իսկ Էջմիածին կամ Վաղարշապատ գիւղն ալ, որ կից եւ անմիջոց վայրօք եւ խառնիխուռն շինուածով շրջափակեալ էր վանքը, տուները քակելով հեռացոյց ի պարսպէն, եւ նոր տուներ եւ գիւղի եկեղեցին շինեց իւրով արդեամբն ( ՋԱՄ. 34-36): Աթոռին կալուած գիւղերուն պաշտպանութեան եւ հասութաբերութեան ալ մտադրութիւն դարձուց. Օշականը ազատեց Մուղանլու կոչուած Տաճիկներէն որ 20 տարիէ ի վեր բռնի հոն նստած էին. Աշտարակն ու Եղուարդը ու Աղաւնատունն ալ ազատեց, որոնք Ջալալբէգեանի օրէն Տաճիկներու ձեռք անցած էին. նոյնպէս Մուղնին ու Ֆրանկանոցը Քիւլթէփէի հետ փոխանակեց: Խորվիրապի հողերն ալ ազատեց Բայատ կոչուած Տաճիկներու ոտնձգութենէն: Քիւլթէփէի մօտ Այրըմլու բլուրին, եւ Ղօռուզ գիւղի մօտ Իճխըլի կոչուած տեղւոյն վրայ նոր Տաճիկ գիւղեր հաստատուիլը արգելեց ( ՋԱՄ. 37-38): Այս յաջողութիւնները կը կատարէր Սիմէոն զօրութեամբ հին կալուածագիրերու, զորս իր պրպտումներուն առթիւ կը գտնէր 2076), եւ որոնց ոյժ կու տար Հիւսէյին-Ալի խան իր իշխանութեամբ, որ քանիցս կաթողիկոսին միջնորդութեամբ դժուարին կացութենէ ազատուած էր:

2091. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ

Պարսկաստանի շփոթ կացութիւնը քանիցս յիշեցինք, որով իւրաքանչիւրը նահանգի կուսակալութիւն կամ խանութիւն` անունով միայն Պարսիկ թագաւորութեան կը պատկանէր, իսկ իրօք աղիկամի պետութիւն մըն էր, իւրաքանչիւր իրեն յատուկ յարաբերութիւններով: Երեւանի խան Հիւսէյին-Ալին ալ անոնցմէ մէկն էր, որ իրեն դրացի ունէր Վրաց թագաւորութիւնը, եւ չկրնալով անոր դիմադրել, որոշ ընծայի կամ լաւ եւս հարկի վճարման պայմանով, անոր թշնամութենէն զերծ կը մնար: Բայց իսլամ իշխանին ծանր կու գար քրիստոնէին ձեռքին տակ նկուն մնալ, եւ ստէպ վտարանջելու փորձեր կ՚ընէր: Յարմար առիթ կարծելով 1764-ին շփոթութիւնները, Ղազախ գաւառի վրայ յարձակեր եւ շատ վնասներ հասուցեր էր բնակիչներուն: Իսկոյն Հեռակլ թագաւոր Վրաց բանակը քալեցուց, Էջմիածինի մօտեցաւ, Սամաղար գիւղը կանգ առաւ, եւ անկէ Էջմիածին այցելեց, եւ Սիմէոնէ պատուասիրուեցաւ: Հիւսէյին-Ալի նեղը մտած, դեսպաններ եւ ընծաներ փութացուց Էջմիածին, Սիմէոնի միջնորդութիւնը հայցելով: Հերակլ այնտեղ չուզեց ընդունիլ դեսպանները. բայց տեղի տուաւ միջնորդին, եւ յայտարարեց` Երեւանցիք թող նուէր լինին Էջմիածնին ( ԴԻՒ. Գ. ճձա ), եւ Սիմէոն հանդիսապէս իր շնորհակալութիւնը վկայեց: Բայց դարձեալ ստիպուեցաւ Հերակլի եւ Երեւանի մէջ բանագնաց պտըտիլ, որպէսզի խանը համոզէ Հերակլի պայմանները ընդունելու, եւ Հերակլը համոզէ որ դրամական պահանջը շնորհէ, եւ այսպէս երկիրը աւերածէ եւ խանը տագնապէ ազատեց: Սիմէոն առանձին միջնորդութիւն ալ ըրաւ, Հիւսէյին-Ալիի աները` Սիւլէյման Քիւրդ պէյն ալ Հերակլի հետ հաշտեցնելու: Սիւլէյման ալ իր կողմէն օգտակար եղաւ Սիմէոնի, երբոր Հիւսէյին-Ալի Էջմիածինի հարկահանութիւնը Սիմէոնի վրայ դարձնելէն ետքը, վանքի մը տարեկանը կանխիկ կը պահանջէր, եւ այս պատճառով Սիմէոնի հետ խռովեր էր, զայն տեսնել չուզելու չափ: Սիւլէյման իր փեսային ընթացքը պախարակեց, եւ Հիւսէյին-Ալի Սիմէոնի երախտիքը յիշելով, իր պաշտպանութիւնը ընդարձակեց ( ԴԻՒ. Գ. ճձ. - ճձզ. ): Բայց այս ընելով ինքն աւելի օգտուեցաւ, զի 1769-ին նորէն Հերակլի եւ Հիւսէյին-Ալիի միջեւ գրգռութիւններ նորոգուեցան, եւ կրկին այդ վերջինը Սիմէոնի միջնորդութենէն օգտուեցաւ, եւ խաղաղ ժամանակամիջոց մը անցուց մինչեւ 1779, երբ երրորդ անգամ մըն ալ Հերակլ զինու զօրութեամբ Հիւսէյին-Ալին ընկճելու ստիպուեցաւ: Սիմէոն այդ յաջողութիւններովը քաղաքական աշխարհի մէջ ալ համբաւ եւ դիրք էր կազմած, եւ ուրիշ կողմերէ ալ իր միջնորդութիւնը փնտռուած էր` դժուարին կացութենէ դուրս ելլելու համար: Իմէրէթի Սողոմոն թագաւորը, որ Բաշաչխեաց կամ Բացգլուխներու թագաւոր ալ կը կոչուի, Իմէրէթցիներուն գլխանոց չգործածելուն պատճառով, հրաման էր հանած, որ այլեւս իր հպատակները իրենց տղաքներն ու աղջիկները Օսմանցոց չվաճառեն, հինաւուրց չար սովորութեան համեմատ: Ասկից գրգռուած Կարնոյ Ապտիւրրահման փաշան` Պատերազմի ելաւ Իմէրէթցոց դէմ, որոնք Օսմանցի բանակը քիչ քիչ նեղելով թողուցին որ մինչեւ իրենց երկրին խորը մտնէ, եւ Ռիօնի կամուրջն ալ անցնի, ուսկից ետքը կամուրջը փլցնելով Օսմանցիները կոտորեցին, եւ հազիւ հրամանատարը ժամանակին լուր առնելով կրցաւ ինքզինքը ազատել: Օսմանցոց բանակէն անյայտացած էին նաեւ Պայազիտի փաշային որդին Ապտի պէյը եւ եղբօրորդին Մուսթաֆա պէյը. եւ կուսակալը իբր Սիմէոնի նախածանօթ 2074), անոր միջնորդութեանը դիմեց կորսուածները գտնելու եւ ազատելու համար: Սիմէոն յաջողութեամբ կատարեց անոր խնդրանքը, Վրաց Հերակլ եւ Իմէրէթի Սողոմոն թագաւորներուն առջեւ ունեցած ազդեցութեամբը ( ԴԻՒ. Գ. 76-82): Բագրեւանդի առաջնորդ Զաքարիա վարդապետն էր կուսակալին եւ կաթողիկոսին մէջտեղ երթեւեկողը, որ եւ աւելի զօրացաւ իր դիրքին մէջ, եւ Սիմէոնի 1764 մարտ 29-ին պաշտօնագրով իր պաշտօնին գլուխը վերադարձաւ ( ԴԻՒ. Գ. 82):

2092. ԱՂՈՒԱՆԻՑ ԱԹՈՌԸ

Սիմէոնի շինարար եւ քաղաքական յաջողութիւններէն աւելի ալ բարձր եղան իր եկեղեցական ձեռնարկները, որոնք գլխաւորապէս Մայրաթոռոյ հայրապետական իրաւունքներուն պաշտպանութեան շուրջը կը դառնան: Ներսէս Գանձակեցին, որ բաւական ալեկոծ եւ շատ երկար ատեն Աղուանից կաթողիկոսութիւնը վարեց մինչեւ 1763 2019), մեռաւ երբ տակաւին կենդանի էր Շամախեցին: Անոր մահուընէ ետքը եղբօրորդին Իսրայէլ, ի տղայութեան եպիսկոպոս արարեալ, կաթողիկոս կ՚օծուի Աղուանից Պարսիկ խանին Շահվէրտիի կամքով, առանց Հայոց կաթողիկոսին հաւանութեան եւ առանց բոլոր Աղուանից համակամութեան: Իսրայէլ օծումէն ետքը Շամախեցիին կը դիմէ հաստատութիւն խնդրել, որ իբր պատասխան գրէ զթուղթս մեղադրականս եւ յանդիմանականս: Բայց Շամախեցին նոյն օրեր կը վախճանի, եւ Իսրայէլ իր համախոհներով Սիմէոնին կը դիմէ, որ նոյնպէս հաւանութիւնը կը զլանայ, պահանջելով որ Իսրայէլ անձամբ ներկայանայ եւ դիմադրող կողմերը հաճեցնելով գործը վերջացնէ: Իսրայէլ չի գար եւ Աղուաններու այն կողմը, որուն Իսրայէլ հաճելի չէր, 50 հոգիէ բաղկացեալ պատգամաւորութիւն մը կը կազմէ, եւ խաներէ ոմանց ալ հաւանութեամբ, Էջմիածին կը բերէ զոմն վարդապետ Յովհաննէս, որ կաթողիկոս ձեռնադրուի: Սիմէոն ասոր ալ չի հաւնիր, թախանձանաց եւ սպառնալեաց կը դիմադրէ, իսկ պատգամաւորները Գանձասար կը դառնան, եւ հոն Յովհաննէսը կաթողիկոս կը ձեռնադրեն: Այդ բաժանումէ յառաջ եկած կենամաշ խռովութիւն տեւեց, մինչեւ որ 1765-ին Սիմէոն Յովհաննէսը քաշուելու համոզեց, եթէ Իսրայէլ հնազանդի եւ Մայրաթոռ ներկայանայ: Բայց Իսրայէլ` Շահվէրտիին ապաւինելով, միշտ ընդդիմացաւ, անարգելով Հերակլի ալ յորդորները եւ Տփղիսի առաջնորդ Զաքարիայի պատուիրակութիւնը: Երբ Իսրայէլ վերջնապէս հեստեց, Սիմէոն եպիսկոպոսական ժողովով զայն աթոռէն զրկեց, կամ ինչպէս ինքը կ՚ըսէ, լուծաք ի կարգէն եւ խստեցաք ըստ արժանւոյն: Յովհաննէսի ալ օրհնութեամբ եւ աղօթիւք կաթողիկոսական աստիճանը վաւերացնելէ ետքը, պատշաճ պատուով եւ կոնդակներով եւ հրահանգներով յղեց Գանձասար, Տփղիսի Զաքարիա վարդապետն ալ ընկեր տալով, որ յանուն Մայրաթոռոյ պէտք եղածը գործէ: Պաշտօնական գործողութեան թուական ցուցուցած է 1765 դեկտեմբեր 25 ( ՋԱՄ. 91), իսկ Էջմիածինէ մեկնած են դեկտեմբեր 28-ին ( ԴԻՒ. Գ. 370), հարկաւ Ծննդեան տօնը Գանձասարի աթոռին մէջ կատարելու շտապով: Իսրայէլ փորձեց Հերակլի պաշտպանութեան դիմել, բայց ընդունելութիւն չգտնելով, ձեռնունայն Տփղիսէ Գանձակ դարձաւ, ուր քաշուած մնաց 11 տարի բանադրանաց ներքոյ ( ԴԻՒ. Գ. ճժը ), եւ Յովհաննէս շարունակեց կաթողիկոսութիւնը վարել:

2093. ՌՈՒՍԻՈՅ ՎԻՃԱԿ

Էջմիածինի ուղղակի հպատակող եւ տէրունի կոչուած վիճակներուն կարգին յիշուեցաւ Հաշտարխան ալ 2078), որ եւ Աժտէրխան կամ Աստրախան, որուն սահմանն էր բովանդակ Ռուսական կայսրութիւնը: Վիճակին կազմութեան թուականը յայտնի յիշուած չէ, բայց վստահօրէն կրնանք հանել մինչեւ Մինաս Տիգրանեան եպիսկոպոսը, որ յառաջ Իսրայէլ Օրիի ընկերացաւ 1845), եւ վերջէն Աստրախանի մէջ հաստատուեցաւ 1902), ուր Հայերու գործերով զբաղեցաւ 1931), եւ հոն վախճանեցաւ: Այսպէս գործնական կերպով հաստատուած կ՚ըլլայ Ռուսիոյ առաջնորդութիւնը, թէպէտ Մինասի յաջորդներուն անունները չենք գտներ: Ղազար Ջահկեցիի օրով այդ պաշտօնին վրայ կը գտնենք Բարսեղ Փառակեցի եպիսկոպոսը, որուն դժնեայբարոյութեան գործերը վիճակայինները զզուեցուցին, եւ Ջահկեցիէ իրենց գանգատներուն ունկնդրութիւն չգտնելով, Փառակեցին հեռացուցին, եւ Աղուանից աթոռէն Ստեփանոս Անանեան եպիսկոպոսը իրենց առաջնորդ ընտրեցին, եւ Եղիսաբէթ կայսրուհւոյն օրով պետական հաստատութիւն ալ ընդունեցան: Պէտք չէ մոռնալ որ նոյնիսկ առաջին եպիսկոպոս Մինաս Տիգրանեան ալ, Աղուանից աթոռէն էր: Իսկ այս անգամ Ռուսիոյ Հայեր պաշտօնապէս զատուած դիրք մը կազմեցին: Այս եղելութիւնը տեղի ունեցաւ 1749-ին ( ՋԱՄ. 39): Ջահկեցիին յաջորդները պատեհ չունեցան եւ կարեւորութիւն չտուին, եւ Գանձասարցի եպիսկոպոսին իրաւասութիւնը եւ Գանձասարի կաթողիկոսին յիշատակութիւնը տիրեց Ռուսիոյ մէջ, այնպէս որ Էջմիածնեցի վարդապետ կամ եպիսկոպոս չէր կրնար այն կողմերը երթալ, բայց եթէ մասնաւոր վարդապետ մի գնայր երբեմն, այն ալ ընդ բռամբ Գանձասարցի առաջնորդին լինելով, եւ կամաւորապէս տրուած նպաստ միայն ժողովէր, եւ ոչ թէ նուիրակութեան իրաւունք ( ՋԱՄ. 39): Սիմէոն իր օրով ձեռնարկեց այդ գործն ալ կարգադրել, եւ նուիրակութեան պաշտօնով Ռուսիա ղրկեց Յովհաննէս Քանաքեռցի վարդապետը, բայց Գանձասարցոց ոյժը կատարեալ էր, եւ ժողովուրդին Էջմիածինէ պաղութիւնը կը շարունակէր, եւ Աղուանից երկու կաթողիկոսներն ալ, Իսրայէլ եւ Յովհաննէս չէին ուզեր ձեռքէ հանել իրենց աթոռին ստացած ընդարձակութիւնը: Քանաքեռցին ընդունելութիւն չգտաւ, եւ մնաց անստոյգ եւ անպատիւ անկեալ ի միում անկեան, եւ չկրցաւ նուիրակութիւնը բանալ ( ԴԻՒ. Գ. 497): Ասիկա մեծ ցաւ էր եղած Սիմէոնի, բայց չէր կրցած նոր ձեռնարկ մը ընել, մինչեւ որ Աղուանից աթոռին ըմբոստութիւնը չճնշէր, Յովհաննէսը հնազանդութեան բերելով, եւ Իսրայէլը աթոռազրկութեամբ եւ բանադրանօք տկարացնելով, ինչ որ իրականացաւ 1766 տարւոյ առաջին ամիսներուն մէջ 2092): Այն ատեն միայն կրցաւ Սիմէոն հաստատուն գետնի վրայ քայլ մը առնել, եւ ուղղակի Ռուսաց կայսրութեան դիմեց Մայրաթոռոյ իրաւունքները վերահաստատելու Ռուսիոյ Հայերուն վրայ, եւ Եկատերինէ Բ. կայսրուհիի իշխանութեամբ օրինական կացութիւն մը ստեղծել: Պետերբուրգ երթալու նշանակեց Դաւիթ Տփղիսեցի վարդապետը ( ՋԱՄ. 40), այր գեղեցկադէմ, լայնադիր եւ կարմրափայլ երեսօք, եւ թաւարծի խիտ աճեալ մօրուօք, եւ զարմնանկար պատկերաւ, յարմարադէպ եւ բարեբարոյ բարուք ( ԴԻՒ. Գ. ճիզ ): Սիմէոն այս արտաքին առաւելութիւնները չունէր 2070), բայց անոնց օգտակարութեան մասին համոզում գոյացուցած կ՚երեւի Դաւիթի ընտրութեան մէջ:

2094. ՌՈՒՍԻՈՅ ՀԵՏ

Բայց այդչափով չգոհացաւ Սիմէոն, լաւ եւ պատճառաբանուած գիր մը պատրաստեց կայսրուհւոյն եւ գահաժառանգ Պօղոսի ուղղուած 1766 օգոստոս 1 թուականով ( ԴԻՒ. Գ. ճիե. ) եւ հոգեւորական ընծաներ ալ պատրաստեց, զմասն ինչ ի նշխարաց սրբոյ Կարապետին, սրբոյն Հռիփսիմեայ, սրբոյն Գէորգայ, եւ ի Նոյեան սրբոյ տապանէն, զորս զետեղեց ի քառանկիւնի արկեղ իրիք արծաթեայ: Բազմաթիւ յանձնարարականներ ալ գրեց Ռուսաստան գտնուող ազգայիններուն, որպէսզի կաթողիկոսական նուիրակին պատշաճ պատիւներ ընծայեն, եւ կառավարութեան մօտ անոր մուտքն ու յաջողութիւնը դիւրացնեն: Այդ գիրերուն առաջինները ուղղուած էին Աստրախանի գլխաւորներուն, որոնք արդէն դէպ Էջմիածին մերձաւորութիւն սկսած էին ցուցնել. Աղուանից աթոռին ազդեցութեան կոտրուելուն վրայ: Յիշատակութեան արժանի է Մովսէս Աստապատցիին եղած յանձնարարութիւնը, որ առաջին անգամ թթենիի սերմը եւ շերամի որդը Ռուսաստան տարած, կայսերական գնահատման արժանացած, նախարարներին համապատիւ փառք ստացած էր ( ԴԻՒ. Գ. ճիզ. ), եւ իր խօսքը ընդունելի էր Ռուսաց արքունիքին մէջ: Յատուկ կոնդակով իրմէ խնդրեց Սիմէոն, օժանդակ լինել իւր ուղարկած պատգամաւոր Դաւիթ վարդապետին: Արդէն Աստրախանի աթոռին կացութիւնը Մովսէսի ալ հաճելի չէր ( ԴԻՒ. Գ. ճիէ. ): Ռուսաց արքունիքին առջեւ մեծ յարգ ունէր, Յարութիւն, կամ աւելի ուղիղ Յովհաննէս Ջուղայեցի քահանան ալ ( ԴԻՒ. Գ. 499), թէպէտ չենք գիտեր թէ ինչ էր իր արժանիքը: Առեւտրական ազդեցիկ դիրք ունէին Պետրբուրգի եւ Մոսկուայի մէջ` Եղիազար, Ղուկաս, Ներսէս եւ Յովհաննէս աղաներ, ինչպէս նաեւ Բարթողիմէոս եւ Շամախեցի Սարգիս առեւտրականները. Սիմէոն ասոնց իւրաքանչիւրին զատ զատ յանձնարարականներ կը գրէր: Չէր մոռնար նոյնիսկ Աստրախանի Ռուս մետրապոլիտ` Մէֆոդի կամ Մէթոտիոսի ալ գրել ( ԴԻՒ. Գ. 499), մէկ խօսքով ամէն հնարաւոր միջոց կը գործածէր, որպէսզի Ռուսիոյ վիճակը, որ 17 ( ԴԻՒ. Գ. 498) եւ ոչ 20 ( ՋԱՄ. 39) տարիներէ ի վեր ելած էր Մայրաթոռի իրաւասութենէն, նորէն իր նախկին դիրքին վերածուի: Սիմէոնի ջանքերը յաջողութեամբ պսակուեցան, եւ Ռուսիոյ Եկատերինէ Բ. կայսրուհւոյն առջեւ ընդունելութիւն գտաւ կաթողիկոսին առաջարկը: Պատմական պարագաներուն մտադրութիւն դարձնելով` պէտք է համոզուինք, թէ արդէն Սիմէոնի առաջարկը Ռուսական քաղաքականութեան առջեւ ընդունելի ըլլալու սահմանուած էր: Վասնզի Հայաստանի կեդրոնը գտնուող, եւ ընդհանուր Հայութեան գլուխ ճանչցուած Էջմիածինի աթոռին բարեկամութիւնը` շատ աւելի օգտակար պիտի ըլլար Ռուսական ազդեցութեան եւ տիրապետութեան ընդարձակուելուն, քան թէ ամփոփ երկրի մը մէջ գտնուող, անձուկ վիճակի վրայ իշխող, եւ Հայութեան վրայ ազդեցութիւն չունեցող Աղուանից աթոռը: Սիմէոնի թուղթին պատճէնը չունինք առջեւնիս, որ տեսնենք թէ Սիմէոն ալ շօշափած էfl արդեօք այդ կէտերը: Եկատերինէ կայսրուհին ինչ ինչ թանկագին ընծաներէ զատ, 1768 յուլիս 30 թուականով ( ԴԻՒ. Գ. ճլ. ) հրովարտակ մըն ալ տուաւ, որուն մէջ մեծ կարեւորութիւն կու տայ Հայոց կաթողիկոսին: Անոր մէջ կը հրամայուի, որ բոլոր Ռուսիոյ մէջ գտնուող Հայ ժողովուրդը ամենապատուելի Սիմէոն պատրիարքին եւ նորա պատրիարքական աթոռի յաջորդներին` իրաւասութեան ներքոյ ճանչցուի, նա կարենայ պաշտել իւր դաւանութիւնը իւր հոգեւորական կանոններով եւ եկեղեցական կարգերով, եւ առանց Էջմիածինի պատրիարքական աթոռին գրաւոր վկայութեան, որեւէ Հայ հոգեւորական պաշտօնեայ չ՚ընդունուի Ռուսական տէրութեան մէջ:

2095. ՌՈՒՍԻԱ ՊԱՇՏՊԱՆ

Ռուսիայէ դուրս եղող Հայերու համար ալ կը խօսի կայսրուհիին հրովարտակը, եւ կը յայտարարէ, որ հետեւելով մեր բարձրագոյն նախնիքներին, բարեհաճում ենք, Սիմէոն պատրիարքին եւ յաջորդներին, նոյնպէս եւ իւզբաշիներին եւ կառավարիչներին եւ բոլոր հաւատարիմ Հայոց ազգին պահպանել, մեր կայսերական ողորմութեան եւ շնորհաց ներքոյ ( ԴԻՒ. Գ. ճիթ. ): Այս թուականը կրնանք նկատել իբր հիմն եւ արմատ այն սերտ յարաբերութեան, որ հաստատուեցաւ Հայոց կաթողիկոսութեան եւ Ռուսաց կայսրութեան մէջ, եւ որ յառաջանալով եւ աճելով յանգեցաւ Ռուսական տիրապետութեան Հայաստանի մի լաւ մասին եւ Հայութեան մի լաւ կէսին վրայ, ինչպէս է այսօրուան կացութիւնը: Գաղափարը Սիմէոնին գիւտը չէր. այն Օրիի եւ Մինասի օրէն օրօրուած գաղափար մըն էր 1846), շատ ճիգեր ալ թափուած էին այդ մասին: Պետրոս Մեծէ սկսելով Ռուս վեհապետներն ալ զանազան ձեռնարկներ ըրած էին, կաթողիկոսներէն քանիներն ալ գործին մղում տուած էին, Պարսկական լուծին աղետալի հետեւանքներէն մղուած. բայց բաւական ժամանակ էր որ գրեթէ լքուած էր գաղափարը եւ թուլացած էին ձգտումները: Սիմէոնի արդիւնքն եղաւ` գրեթէ մոռցուած ու դադարած ծրագիր մը վերակենդանացնել, եւ անոր հաստատուն եւ պաշտօնական կերպարան մը տալ, եւ տակաւ զարգանալիք եւ յառաջանալիք ճամբու վրայ դնել: Սիմէոն փութաց ստացած արտօնութիւնը գործադրել, Մինաս եպիսկոպոս մը առաջնորդ եւ նուիրակ նշանակելով ( ՋԱՄ. 50), նոյնինքն Պայազիտի նախկին նուիրակը ( ԴԻՒ. Գ. 324), որ եպիսկոպոս ձեռնադրուած էր, 1767 յուլիս 8-ին ( ԴԻՒ. Գ. 732): Յաջողութենէն ուրախացած գործին նուիրակին ձեւ մըն ալ տուաւ Սիմէոն, եկեղեցական արարողութիւն ալ կազմելով 1771 յուլիս 10-ին հրովարտակէն երեք տարի ետքը, զոր մակագրած է Գիրք հանդիսադրութեանց տօնից կայսերականաց, եւ յառաջաբանին մէջ կը յիշէ, թէ Եկատերինէ կայսրուհին, իւրով գերազօր հրամանագրովն եւ անպարտելի կնքովն, զաթոռս ամենայն Հայոց զՍուրբ Էջմիածին պսակեալ փառաւորեաց, զազգս Հայոց իւրոյ ամենապայծառ թագաւորութեան սիրելի եւ իւրային արձանագրեաց, եւ զանարժանութիւնս մեր յատուկ սիրոյ եւ ողորմութեան նշանաւ խիլայազարդեաց եւ մխիթարեաց: Այս շնորհներուն իբր երախտագիտական փոխարէն, մաղթողական կարգ մը շարադրեց, վասն մեծապայծառ տօնախմբութեան նորին, եւ կը հրամայէ որ ցորչափ Հայերը գոն ընդ օրհնեալ տէրութեամբ նորին, կայսերական տօներուն օրերը եկեղեցականօք եւ աշխարհականօք մեծահանդիսութեամբ կատարեսցին զայս կարգ: Նկատելով որ 1771-ին քանի մը հայաբնակ գիւղեր միայն էին ընդ տէրութեամբ Ռուսաց, կ՚երեւի թէ Սիմէոն ուզած է ընդ հովանաւորութեամբ ըսել, եւ ոչ ընդ տիրապետութեամբ, որով Ռուսական պաշտպանութիւնը բոլոր Հայաստանի եւ Հայութեան վրայ տարածել:

2096. ԿԱՅՍԵՐԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ

Սիմէոնի հաստատած այդ կարգը, մինչեւ այսօր պահուած եւ գործածուած ըլլալով Մայրաթոռին մէջ, աւելորդ չենք սեպեր, վերլուծութիւնը տալ նոյն կարգին` որ Ռուսական բառով Մոլէպին կը կոչուի: Կարգը բաղկացած է ոչ թէ արդէն ծանօթ եւ գործածական հայկական աղօթքներով եւ երգերով, այլ Սիմէոն ինքնին Ամենահզօր Աստուած սկսուածով երեք տուն շարական մը շինած է, եւ Օրհնեալ ես Հայր ամենակալ աղօթք մըն ալ յօրինած, Եւ արդ մեք հանգիստով: Անոնց վրայ աւելցուցած է Ի Սաղմոսէ 7 տուն, Առակէ, Եսայիէ, Պետրոսէ եւ Պօղոսէ, եւ Մատթէոսի աւետարանէն ընթերցուածներ, եւ անդաստանի ձեւով տեառնագրութիւն ու Պահպանեա ու Հայր մեր: Առաջին տպագրութիւնը 1771-ին կատարուած է իր օրով, երկրորդը 1823-ին Եփրեմի օրով, չորրորդը 1859-ին Մատթէոս Ա. օրով, եւ վերջին մըն ալ տեսած ենք 1877-ին Գէորգ Դ. օրով: Առաջինները ամենայն ճշդութեամբ իրարու նման են եղած, սակայն վերջինին խորագիրները յապաւուած են, եւ գլխաւորապէս զեղչուած են աղօթքին ատեն գլխաբաց եւ ի վերայ ծնգաց, եւ ոչ նստեալ ի վերայ ոտից բառերը: Սակայն յապաւումը կառավարական դիտողութեան առարկայ եղած ըլլալով, նորէն հին ձեւը գործադրութեան մտած է, ինչպէս մինչեւ այսօր ալ կը պահուի: Թագաւորաց համար աղօթքը Հայ պաշտամանց մէջ ընդունուած էր, եւ շատ կտորներ ունինք այդ իմաստով, որոնցմէ կրնար օգտուիլ Սիմէոն, առանց իրմէ յօրինուած կտորներ մուծանելու, որոնց մէջ կը պակսին Հայ եկեղեցւոյ ծիսական աղօթքներուն եւ երգերուն յատուկ եղող լեզուի օծութիւնը եւ ոճի վեհութիւնը: Հնար էր չափազանցուած ըսել Սիմէոնի կազմած ձեւերը, եւ Հայոց եկեղեցւոյն ծէսին հակառակ ըսել` եկեղեցւոյ մէջ վեղարը վար առնելու, կամ ծնրադիր աղօթելու կերպերը, եւ նոր յօրինուած աղօթքներուն եւ երգերուն մէջ ալ` արտաքին գովաբանութեանց նմանող բացատրութիւնները: Բայց պէտք է դիտել Սիմէոնի եւ ժամանակակիցներուն հոգեբանական բորբոքումը, եւ գաղափարներու յանկարծական յուզումը, երբ շնորհիւ Ռուսական հովանաւորութեան զսպուած տեսան Պարսկական տիրապետութեան հարստահարութիւնները, եւ ինքզինքնին ապահովութեան ներքեւ առնուած գտան քմահաճ բռնութեանց դէմ: Գալով Ռուսական յարաբերութեանց եւ հովանաւորութեանց խնդիրներուն, ստոյգ է որ նոյնիսկ Հայերու կամակցութեամբ եւ գործակցութեամբ, պաշտպանութիւնը հետզհետէ տիրապետութեան փոխուեցաւ, եւ տիրապետութիւնն ալ աստիճանաբար սեղմումներու առաջնորդեց: Սակայն եղելութիւնը իր ամբողջութեան մէջ նկատի առնելով, պէտք է ընդունիլ, թէ լարաբաժին Հայաստանին զանազան մասերուն մէջ, լաւագոյն կացութիւնը ռուսական տիրապետութիւնը իրականացուց, եւ դիտողութեան ենթակայ եղող կէտերն ալ` աստիճանաբար դարմանուելու ակնկալութիւնը կ՚աճեցնեն, քանի որ ազատութեան եւ հաւասարութեան հիմնական սկզբունքները` պաշտօնական եւ գործնական շրջանակին մէջ մտած են: Այնպէս որ այսօր ոչ մի փաստ կամ առիթ չենք գտներ Սիմէոնի առած նշանաւոր քայլը մեղադրելու կամ քննադատելու:

2097. ԱԽԼՑԽԱՅԻ ԽՆԴԻՐԸ

Սիմէոնի ձեռնարկներու կարգին գլխաւոր տեղ կը բռնեն Հայաստանեայց եկեղեցւոյ պաշտպանութեան համար թափած ջանքերը, եւ հռոմէադաւանութեան յառաջացման դէմ գործածած միջոցները: Այդ ձեռնարկին իբր շարժառիթ կը ցուցուի Կարնոյ Կարմիրվանքի միաբաններէն Գէորգ Եւդոկիացի վարդապետը` 1760-ին Շամախեցիէն եպիսկոպոս ձեռնադրուած, եւ 1764-ին Ախլցխայի նուիրակութեան ղրկուած, ուր սկսանի յայտնել զաղանդն աղթարմայութեան, ինչպէս կը կոչուի հռոմէադաւանութեան հակամիտութիւնը: Չէ ճշդուած թէ եflրբ Գէորգ այդ ուղղութիւնը ընդգրկեց, բայց յիշելը թէ Ախլցխա քաղաքն յիսուն ամաւ յառաջ ապականեցեալ էր նոյն աղանդովն, Գէորգի այնտեղ խմորուած ըլլալուն կ՚ակնարկէ: Գէորգ իր յանդգնութիւնը հետզհետէ առջեւ կը տանի, եւ մինչեւ իսկ եկեղեցւոյ բեմէն, զՀայոց ազգն եւ զեկեղեցին վատաբանէ, եւ զանուն փափին յիշէ, եւ զայլս սոյնպիսիս կը գործէ: Ասոր վրայ նոյնիսկ Կարնեցիք բազմակնիք թղթով, կաթողիկոսին կը բողոքեն, եւ որովհետեւ Ախլցխա Օսմանեան երկիր էր, Սիմէոն Կ. Պոլիս կը գրէ, եւ Պասմաճեան պատրիարքին ձեռքով երեք հրովարտակներ հանել կու տայ, երկուքն յատուկ ի վերայ Ախլցխայու, եւ մինն ի վերայ ամենայն տեղեաց, որ ուր ուրեք Հայ ֆրանկացեալ իցէ` հնազանդեսցին իւրեանց օրինաց, եւ մի' եւս արասցեն զֆրանկութիւն, եւ ուր ուրեք ֆրանկ փաթրիք իցեն` վարեսցին յերկիրն իւրեանց: Սիմէոն հրովարտակները ստանալով Տփղիսի առաջնորդ, Անկոթ մականուանեալ Մարտիրոս եպիսկոպոսը յատուկ պաշտօնով Ախլցխա կը ղրկէ 1769-ին, բայց Գէորգ Եւդոկիացին, որոնց վրայ յանուանէ բանադրանք ալ հրատարակուած էր կաթողիկոսէն, կը շտապէ Կ. Պոլիս փախչիլ եւ Բեկօղլի թաղի Լատին վանքերէն միոյն կ՚ապաւինի, ուր եւ յետոյ կը մեռնի: Մարտիրոս եպիսկոպոս հրովարտակին զօրութեամբ, Պօղոս, Ստեփան եւ Յովհաննէս սեւագլուխքն եւ Յակոբ չերէցն Էջմիածին կ՚աքսորէ, եւ հռոմէականաց ձեռք անցած երեք եկեղեցիները ետ կը դարձնէ, նոյնպէս զեօթն փաթրիք ֆրանկաց կուսակալին ձեռքով ձերբակալել կու տայ, եւ աքսորել յերկիրն իւրեանց ( ՋԱՄ. 41): Յիշեալ անձերուն ինքնութիւնը աւելի յստակօրէն ցուցնելու համար, աւելցնենք թէ էին Պօղոս Լեւոնեան եւ Յովհաննէս Ճիկոնեան եւ Ստեփան Աւթանտիլեան վարդապետները, Հռոմի Ծաւալոցի կամ Փրօփականտայի վարժարանին աշակերտներ, իսկ Յակոբ Ախլցխայի ամուսնաւոր երէց մըն էր ( ԳԱԼ. 293): Աքսորուած Լատին կրօնաւորներէն ալ յանուանէ կը յիշուին Ալոիզիոս, Հերոնիմաս, Վիչէնցիոս, Ֆէտէրիկօ եւ Ֆօռթունատօ ( ԴԻՒ. Ը. 121): Ախլցխայի կուսակալը ասոնք իսկոյն աքսորելու տեղ, ի կալանս էր արարեալ յափն ծովուն ի տեղւոջ իմիք ( ԴԻՒ. Ը. 110), իբրեւ երկրին խռովարարներ: Ասոր վրայ Գաղղիոյ դեսպանը, որ էր Կինեար Սէնբրիսթ կոմսը (Guignard comte de Saint-Priest) շրջաբերական գիր մը ուղղեց Լատին կրօնաւորներուն զի մի եւս մտցեն ի մէջ Հայոց ժողովրդիւն ուրեւ լինիցին, եւ կամ յեղաշրջիցեն զնոսա ի հաւատոց իւրեանց: Այդ գիրը պատրիարքին միջնորդութեամբ, հաղորդուեցաւ Սիմէոնի, որ զդեսպանէն շնորհակալ եղեւ, եւ Լատին կրօնաւորները արձակել տուաւ: Միանգամայն աւելցուց, որ յայնժամ լինիմք կատարելապէս շնորհակալ, երբ սաստի գիր եւս ի փափէն հանցէ, որ իր կրօնաւորները մի' այլայլիցեն զխղճալի ազգս Հայոց, եւ մի' հանցեն ի բնական աւանդութեանց իւրեանց ( ԴԻՒ. Ը. 111): Երանի~ թէ այդ խոհական թելադրութիւնները եւ դեսպանին առած խոհեմ քայլը` հռոմէադաւանութեան պետին եւ պաշտօնէից կողմանէ ընդունելութիւն գտնային: Այս կերպով շահադիտական ուղղութեամբ գրգռուած անտեղութիւններ` պակաս եղած պիտի ըլլային ազգիս վրայէն:

2098. ԽՆԴԻՐԻՆ ՓԱԿՈՒՄԸ

Իսկ այն չորս եկեղեցականները որ Էջմիածին տարուեցան, իրաւամբ կը նկատուէին իբր ըմբոստներ, զի Հայոց եկեղեցւոյ պաշտօնէութեան կերպարանին ներքեւ Հայոց եկեղեցւոյ դէմ դաւաճանել կը յանդգնէին, եւ այս պատճառով կրեցին զշատ նեղութիւնս Մայրաթոռին մէջ, մինչեւ որ կը փութան եւ երկիցս անգամ հայերէն գիր կու տան դաւանութեան` վճռապէս եւ նզովիւք, զի մի եւս դարձցին ի նոյն աղանդն ( ՋԱՄ. 42): Այլ եւ երբ Ախլցխացի հռոմէադաւաններուն կողմէ կարի լրբութեամբ եւ ընդդիմութեամբ լի գիր մը հասաւ կաթողիկոսին, որով հռոմէադաւաններուն յատուկ քաշքշուք բացատրութիւնները կը կրկնէին իրենց ջատագովութեան համար, վերոյիշեալ չորսերը դարձեալքն ի նոցանէ, գրեցին նոցա առ այս զյանդիմանութիւնս ( ԴԻՒ. Ը. 96): Իսկ Սիմէոն բաւականացաւ պատասխանել, թէ ծանեաք, զի գոյ ի ձեզ տհասութիւն եւ անկատարութիւն, անոր համար վերակրկնեմ ձեզ դարձեալ զնոյն յորդորմունս, զի բաւական համարեսջիք, որքան մինչեւ ցայժմ ընթացայք ընդ անկոխ անպէտս, թողլով զուղիղ եւ զհայրենաւանդ պողոտայն ( ԴԻՒ. Ը. 77): Էջմիածին աքսորուածներ տուած յայտարարութիւններուն կրթնելով, շարունակ իրենց արձակման հրամանը կը խնդրէին, բայց Սիմէոն կամաւ կը յապաղէր անոնց ներքին հաստատամտութեան վրայ վստահութիւն կազմելու համար, եւ այսպէս երկարեցաւ մինչեւ յամս երիս, մինչեւ որ Ռուսաց պատերազմին առթիւ, հրամանատար Մուսթաֆա փաշային միջնորդութեան դիմեցին Ախլցխացիները. փաշան ալ նախապէս էառ գիր ի բերանոյ հեստելոցն տաճկեվար, զի մի եւս երեւեցուսցեն ի յինքեանս զնշան աղթարմայութեան, եւ զայն կաթողիկոսին ղրկեց, եւ սա ալ Կ. Պոլիս գրելով ետ բերել զարձակման ֆէրմանն, եւ չորսերը Ախլցխա դարձուց 1771-ին ( ՋԱՄ. 42): Անոնցմէ երկուքը, Լեւոնեան եւ Աւթանտիլեան անմիջապէս հեռացան եւ Հռոմ գացին, եւ հոն եպիսկոպոսութեան պաշտօնի հասան ( ԳԱԼ. 293), իսկ միւս երկուքը կ՚երեւի թէ Ախլցխա մնացին, ուր հռոմէադաւանութեան սերմերը բոլորովին չսպառեցան: Իբր զի ամէն տեղ` ուր կրօնական անջատման մը սկզբնաւորութիւն կ՚ըլլար անհնար կը դառնար զայն արմատաքի քանդել, եւ այսօր ալ Կովկասեան գաւառներուն մէջ Հայ հռոմէականութեան գլխաւոր տեղերէն մէկը` Ախլցխա է:

2099. ՊԱՅԱԶԻՏԻ ՄԻՋԱԴԷՊԸ

Յիշեցինք վերեւ թէ Օսմանեան կառավարութենէ ստացուած հրովարտակներէն երրորդը ընդհանուր էր 2097): Սիմէոն զայն գործածեց Բագրեւանդի վիճակին մէջ սկսած հռոմէադաւանութեան դէմ, եւ ուղղակի դիմեց Պայազիտի կուսակալ Ապտի փաշային, որ է նոյն ինքն Սիմէոնի միջնորդութեամբ ազատութիւն ստացող Ապտի պէյը 2091): Կուսակալը պետական հրամանին հպատակելով, նախապէս ձերբակալեց գլխաւորներէն եօթը հոգի, որոնք են, Պօղոս` Ղարասու, Գրիգոր` Նաւիկ, Խաչատուր` Մօլլասիւլէյման, Յարութիւն` Միրանկ եւ Ղազար` Գարսան գիւղերու քահանաներ, Բրնձիք` Գարսանցի սարկաւագ, եւ Մաթոյ` աշխարհական ( ՋԱՄ. 42): Ասոնք յանձնուեցան Բագրեւանդի կամ Իւչքիլիսէյի առաջնորդ Զաքարիա վարդապետին Էջմիածին տարուելու համար, բայց որովհետեւ վարդապետը կը յապաղէր Լէզգիներու արշաւանքներէն վախնալով, Սիմէոն 1769 օգոստոս 16-ին կը գրէր միամտեցուցանելով թէ վտանգ չկայ, ուստի անկարծիք լեալ բերցէ զնոսա: Ըստ այնմ ալ անմիջապէս բերաւ Զաքարիա, եւ օգոստոս 18-ին շնորհակալութեան գիր գրուեցաւ Ապտի կուսակալին ( ԴԻՒ. Ը. 69): Եկողներ շատ յամառ չեղան իրենց միտքին վրայ. եւ յետ խրատուց բազմաց դարձան ի յուղղութիւն, եւ գիր եւս ետուն, ուստի Զաքարիա վարդապետ, սեպտեմբեր 14-ին, Խաչվերացի երկրորդ օրը, Գրիգոր եւ Խաչատուր քահանաները միասին տանելով Էջմիածինէ մեկնեցաւ ( ԴԻՒ. Ը. 86): Մնացեալներ քիչ մը եւս մնացին Էջմիածին, բայց վերջապէս անոնք ալ առաքեաց Սիմէոն ի տեղիս իւրեանց ( ՋԱՄ. 42), զի ինչպէս ինքն ալ կը գրէր, ոչ վրէժխնդիր եւ ոչ հալածող հոգւով կը գործէր, այլ ի գութ հոգեւոր որդւոց շարժեալ կ՚աշխատեր ( ԴԻՒ. Ը. 77), որ իրեն յանձնուած քրիստոնէական փարախին հետեւողներ զգաստանան, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ ուղղափառ եւ ուղղադաւան հաւատքը անտխեղծ պահուի, եւ արտաքին գրգռումներով ի զուր բաժանումներ եւ հակառակութիւններ չտարածուին Հայութեան մէջ: Այդ մասին ոչ ոք կրնայ մեղադրել եկեղեցւոյ մը պետին ունեցած նախանձայուզութիւնը, զոր ամէն պետերու վրայ ալ յարգելէ չէինք քաշուիր, եթէ իրենցներուն պահպանութեան նուիրէին բոլոր ջանքերնին, եւ ոչ թէ ուրիշ եկեղեցիներու գործերուն խառնուէին, եւ արտաքին հրապոյրներով տիրապետութեան դիտումներ մշակէին:

2100. ՅՈՎՆԱՆ ԱՄԴԵՑԻ

Սիմէոն միեւնոյն ուղղութեամբ վարուեցաւ եպիսկոպոսներէ եւ վարդապետներէ ոմանց հետ ալ, որոնք զանազան դիտումներէ մղուած հռոմէականութեան մէջ իրենց դիւրութիւններ գտնել կարծեցին: Այդպէս եղաւ Յովնան Ամդեցի` Գլակայ առաջնորդ, որուն անունը իբր կաթողիկոսական ընտրելի յիշուեցաւ Շամախեցիի մահուընէ ետքը 2069): Բայց աւելի քան ընտրելի, ինքընծայ յափշտակիչ մը երեւցած էր, եւ մինչեւ իսկ Հոգեւոր տէր կոչում առնելու, ու հայրապետական ձեւեր գործածելու յանդգնած էր ( ԴԻՒ. Գ. 271): Անշուշտ այդ նպատակին մէջ յուսախաբ մնալը զինքն դրդեց օտար ճամբայ երթալ, եւ սկսաւ հռոմէական ուղղութեան շնորհիւ` Մայրաթոռէ եւ Սիմէոնէ անկախութեան ճամբայ փնտռել. առաջնորդներ կը փոփոխէր, ուխտաւորներ կը կողոպտէր, հայրապետական կոնդակներ կը գրէր, եւ շնորհներ բաշխելու կը յանդգնէր, եկեղեցական գանձեր եւ հարստութիւններ կը գրաւէր ( ԴԻՒ. Գ. ճխզ. ), նուիրակներ կը ղրկէր ամէն կողմ, Ս. Կարապետի անունը կը շահագործէր, եւ Ալայէտտինպէյզատէ Մաքսուտ պէյ տէրէպէյին կամ տեղական բռնապետը իրեն շահերուն մասնակից ընելով` աղիկամի կը գործէր ( ԴԻՒ. Գ. 543): Սիմէոն ուժգին զինեցաւ անոր դէմ, եւ ըրած անկարգութիւնները տասը որոշ գլուխներու վերածելով, գրեաց զբանադրանաց թուղթ չարաչար նզովից եւ անլոյծ կապանաց, եւ մերկացոյց զնա ի շնորհէ եւ ի կարգէ ( ԴԻՒ. Գ. 226): Հայրապետական սաստը իրեն արդիւնքն ունեցաւ, զի Յովնան շատ մը Կարնեցի գլխաւորներ միջնորդ ձգելով, Էջմիածին դիմեց, Ակոռի գիւղը կաթողիկոսին հանդիպելով, մեծաւ զղջմամբ եւ կատարեալ մեղայիւ եւ յորդառատ արտասուօք ներում խնդրեց ( ԴԻՒ. Գ. 286), եւ յետոյ Մայր տաճարին մէջ հանդիսաւոր խոստովանութեամբ եւ օրհնութեամբ ընկալաւ զթողութիւն եւ զարձակումն ( ԴԻՒ. Գ. 290), եւ Կ. Պոլիս գնաց, անկէ ալ նորէն իր առաջի առաջնորդութեան դարձաւ ( ԴԻՒ. Գ. 754): Նմանօրինակ զգուշաւորութեան գործեր առիթ ունեցաւ կատարել Սիմէոն ուրիշ տեղերու, եւ գլխաւորապէս Կարսի, Արաբկիրի, Տիարպէքիրի, Արդուինի վիճակներուն վրայ ալ ( ԴԻՒ. Գ. ճխէ. ). բայց մենք զանց կ՚ընենք, մասնաւոր պարագաներով պատմութիւննիս չծանրաբեռնելու համար:

2101. ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԱՑ ՏՕՆԵՐ

Սիմէոն միեւնոյն նախանձայուզութենէ ազդուած, եւ միանգամայն ծխական սովորութեանց մէջ ալ պէտք կարծած բարեկարգութիւնները մուծանելու փափաքով, տօնական կարգադրութեանց ալ ձեռնարկեց, մէկ կողմէն հաստատուն կանոններ, եւ միւս կողմէն պատշաճ փոփոխութիւններ մտցնելու միտքով: Թէպէտ կանուխէն ալ ինքը այդպիսի դիտումներ ունէր, սակայն գործադրութեան շարժառիթ եւ քաջալեր տուաւ Կ. Պոլսոյ պատրիարք Պասմաճեանը, ժողովուրդի անունով գրուած մէկ գիրով, որուն մէջ խնդիր եւ աղերս կը մատուցանէր, կարգել զտօն Գիւտի նշխարաց սրբոյն Գրիգորի մերոյ Լուսաւորչին` կիւրակէ: Կ. Պոլսոյ մէջ այդ փափաքին շարժուելուն ուրիշ առիթ չենք գտներ, բայց եթէ այսպիսի սովորութեան հռոմէադաւաններուն կողմէ սկսուած լինելը, ինչպէս կրնայ քաղուիլ Վենետիկի օրացոյցներէն: Հայոց եկեղեցիին ծիսական կարգերը զննելով կը տեսնուի, որ անոր հնաւանդ կանոնները կիրակէներէն դուրս հրմայեալ տօն կամ կիրակէ պահելու օրէնք ունեցած չեն, մանաւանդ սրբոց տօներու համար: Նոյն իսկ Աստուածայայտնութեան եւ Համբարձման տօներուն ալ կիւրակէին փոխադրուիլը, հեշտ կերպով կը քաղուի կրօնական եւ ծիսական պատշաճներէն, ինչպէս ցարդ կ՚ընենք Պայծառակերպութեան ու Վերափոխման ու Խաչվերացի տօներուն համար: Այդ կէտին պարզաբանութիւնը մեզ զարտուղութեանց կրնայ տանիլ, ուստի բաւական ըլլայ գիտնալ, որ Լուսաւորչի շաբաթ օրը կիւրակէ պահելու սովորութիւնը մինչեւ 1766 չկայ եղեր: Շաբթուան մէջ կիւրակէներ յունական եւ լատինական սովորութիւն են, եւ լատինամիտ Հայեր ալ` լատինական նմանողութեամբ եւ Հայ եկեղեցին իբր հռոմէադաւան ցուցնելու կանխամտածութեամբ, Գիւտնշխարացի օրը կիւրակէ պահելու սովորութիւնը մտածած կ՚ըլլան: Կ. Պոլսոյ Հայ ժողովուրդն ալ անոնցմէ վար չմնալու դիտմամբ նոյնն ընելու համար կաթողիկոսին դիմելու որոշումը կու տայ: Սիմէոնի միտքն ալ այդ մասին նախապատրաստուած պէտք է ընդունինք, որ ոչ միայն արդարեւ յոյժ օրինաւոր խնդիր կը գտնէ առաջարկը, այլեւ արժանի առաւել քան զխնդրեցեալն կատարել ( ԴԻՒ. Գ. 426): Ուստի իսկոյն ի յայս ցնծացեալ, զթուղթ գրեաց ընդհանրապէս առ ամենայն ազգս Հայոց, ոչ միայն Լուսաւորչին տօնը մէկ օրով, այլ Հայոց լուսաւորութեան յիշատակը փառաւորել ի տարւոջն հինգ աւուրբք, որոնք են Լուսաւորչի Մուտն ի վիրապը` Մեծ պահոց հինգերորդ շաբաթ օրը, Ելն ի վիրապէն` Հոգեգալստեան առաջին շաբաթ օրը Գիւտնշխարացը` Հոգեգալստեան երրորդ շաբաթ օրը, Թադէոսի եւ Սանդխտոյ տօնը Վարդավառի առաջին շաբաթ օրը, եւ Առաջին Լուսաւորչաց Թադէոսի եւ Բարթողիմէոսի տօնը ( ԴԻՒ. Գ. 427): Այդ ընդհանրականը գրուած պիտի ըլլայ 1766 ապրիլէ առաջ, վասնզի անկէ ետքը կը յիշուին Կոստանդնուպոլիս հասած թուղթերը յաւուր հրաշափառ Յարութեան Տեառն ի սուրբ զատկին ( ԴԻՒ. Գ. 428), որ այն տարին ապրիլ 23-ին կը հանդիպէր:

2102. ԱՌԱՋԻՆ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉՔ

Վերոյիշեալ հինգ տօներէն վերջինը, հիմակուան պէս` Առաջին լուսաւորչացն մերոց Թադէոսի եւ Բարթողիմէոսի բացատրութեամբ հին տօնացոյցին մէջ չէր գտնուեր ( ՏՕՆ. 266). այլ միայն` Առաքելոցն Բարթողիմէոսի եւ Յուդայի տօն մը կար Յիսնակաց երրորդ երեքշաբթի օրը` Ս. Յակոբայ շաբաթապահքին մէջ: Սիմէոն առաջնորդուելով այն միտքէն, թէ Հայոց լուսաւորիչ Թադէոսը` Յուդա-Թադէոս առաքեալն է ( § 7), Յուդա անունը Թադէոսի կը փոխէ: Միանգամայն կը մտածէ թէ վայել չէ նշանաւոր տօն մը պահոց օրը թողուլ, եւ թէ յարմարագոյն է մեծ սուրբերուն նման ի շաբաթու տօնել նոցին, ուստի կը հրամայէ որ Բարթողիմէոսի եւ Թադէոսի տօնը փոխադրուի` Յիսնակաց երկրորդում շաբաթու շաբաթի աւուրն ( ԴԻՒ. Գ. 427), զոր այժմ Յիսնակի առաջին շաբաթ կը հաշուենք ( ՏՕՆ. 266), եւ այն օր տօնուող Անդրէաս առաքեալը միացուի Փիլիպպոս առաքեալին հետ Խաչի իններորդ շաբաթ օրը ( ՏՕՆ. 257): Իսկ բաց մնացած` Յիսնակաց երրորդ երեքշաբթի օրուան բերուի, Կուռնելիոսի ու Շմաւոնի ու Պօղիկարպոսի տօնը ( ՏՕՆ. 271) որ առաջ Աստուածայայտունթենէ ետքը Ապայից կարգը կը մնար: Այս առթիւ հարկաւ մտածած կ՚ըլլայ, որ Մուտն ի վիրապի տօնն ալ յարմար չէր Մեծպահքին մէջ թողուլ, բայց շատ ծանօթ եւ ընդհանրացեալ օր ըլլալուն չի համարձակիր տեղափոխել, այլ կը գոհանայ հրամայելով, որ միայն բացցեն զայն սեղանն` յորում յայնմ աւուր զպատարագ իցեն մատուցանելոց, եւ յերեկոյի ուրբաթին մեծահանդիսիւ զնախատօնակ արարեալ, յառաւօտու շաբաթուն ի տես ժողովրդեան մատուսցեն զպատարագն ( ԴԻՒ. Գ. 427): Այդ կարգադրութիւնները Սիմէոնի նախափորձերը եղան տօնացոյցի մէջ փոփոխութիւններ մուծանելու, որոնք քիչ ետքը պաշտօնական եւ վերջնական կերպարան ստացան տօնացոյցի ամբողջական տպագրութենէն ետքը: Չենք կրնար որոշակի ցուցնել թէ ինչչաflփ եւ ոflր տեղեր գործադրութեան մտաւ Սիմէոնի օրինադրած նորութիւնը, այն է տարեկան հինգ օր կիրակէանալ Հայոց լուսաւորութեան պատուոյն: Ինչ որ մենք գիտենք այն է, թէ Կ. Պոլսոյ մայրաքաղաքը որ նախաձեռնութիւնն առած էր տարեկան օր մը միայն կիրակէանալու, իր առաջարկին վրայ մնաց, Գիւտնշխարացը պահեց, իսկ միւս չորս օրերը չպահեց: Այս կէտը կը հաստատուի Կ. Պոլիս հրատարակուած օրացոյցներով, որոնց մէջ առաջին անգամ 1870-ին երեւցան տօնական խաչանիշները Ելն-ի-վիրապէն եւ Առաջին-Լուսաւորչաց օրերը, որոնցմէ առաջինը խափանուեցաւ 1878-էն ետքը, եւ Գիւտնշխարացին վրայ միայն Առաջին-Լուսաւորչաց տօնը աւելցած մնաց: Իսկ օրերու փոփոխութիւնները կրցան գործադրուիլ նոր տօնացոյցի տպագրութենէն ետքը, այն ալ ոչ առանց խնդիրներու, ինչպէս պիտի տեսնանք: Սիմէոնի սոյն ձեռնարկին վրայ դիտողութիւննիս կը պահենք ամբողջաբար ընել` տօնացոյցի տպագրութիւնը պատմելնէս ետքը:

2103. ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ԿԱՆՈՆՆԵՐ

Սիմէոնի բարեկարգական ձեռնարկներուն կարգին պիտի յիշենք նաեւ առաջնորդութեանց մասին դարձուցած մտադրութիւնը: Ցաւով նկատած էր աչալուրջ հայրապետը որ առաջնորդներէն քանիներ, ոչխարազգեստ կեղծաւորական ձեւով Էջմիածինէ աստիճան եւ պաշտօն ստանալնէն ետքը, դարձուցեալ զերեսս տարամեկնեցան եւ օտարացան անկէ, ոմանք յայտնի ըմբոստութեան սկսան` ինչպէս Կարսի Աբրահամ եպիսկոպոսը, ուրիշներ դաւանութենէ հեռացան, ինչպէս Ախլցխայի Գէորգը 2097), ուստի պէտք տեսաւ իբր նախազգուշական միջոց, եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եկողներէ յատուկ ուխտագիր առնել ապագայ ընթացքներուն համար: Առաջին գործադրութիւնն ըրաւ 1765 ապրիլ 3 զատկին օրը` եպիսկոպոս ձեռնադրուող Կարնոյ առաջնորդ Պաղտասարի եւ Բասենի առաջնորդ Աւետիքի վրայ ( ԴԻՒ. Գ. 154), որոնց ձեռնադրութեան մէջ ընկերացաւ Մայրաթոռոյ միաբաններէն Գրիգոր Սանահնեցին, որ յիշուեցաւ Սիմէոնի ընտրութեան առթիւ 2073): Նոր ձեռնադրուող առաջնորդներէն ուխտագիր առաւ հետեւեալ չորս պայմաններու վրայ: 1. Մնալ ցօր մահուան ի վանքն որոյ վերայ ձեռնադրի: 2. Անխոտոր կալ ի հաւատ եւ յուղիղ դաւանութեանս Հայաստանեայց սուրբ եկեղեցւոյ: 3. Վարիլ հարազատութեամբ ընդ սրբոյ աթոռոյն եւ գործակալաց նորին: 4. Մի' զոք ի վիճակի իւրում առանց ընտրութեան եւ հաւանութեան եւ կամաց գլխաւոր իշխանաց եւ քահանայից եւ ժողովրդոց ձեռնադրել: Իսկ իր վիճակէն դուրս եղած ատեն, կամ թէ ուրիշ վիճակէ մը իրեն եկած ատեն, մի' ումեք տալ զկարգ ի միոյ աստիճանէն մինչեւ ցեօթն աստիճանն: Նոյնպէս վանականութեան համար ալ, առանց գիտելոյ զվարս եւ զբարս, մի' ումեք տալ զկարգ ինչ կամ զվեղար, մինչեւ որ նա ոչ առնուցու յանձն մնալ ի վանս ի միաբանութիւն եւ ի հնազանդութիւն: Այդ պայմաններուն դէմ անսաստած ատեն, ուխտադիրներ յանձն կ՚առնէին, ենթարկուիլ հոգեւոր պատժոյն զոր սրբազան վեհն տայցէ, եւ տալ զերկու հազար ղրուշ դրամ տուգանս մարմնաւոր բռնաւորի տեղւոյն, ուր որ գտնուին: Այդ ուխտադիրի ձեւը արձանագրուեցաւ ալ յօրինակ ապա եկելոց ( ԴԻՒ. Գ. 166): Այստեղ յիշենք թէ սովորութիւն էր եղած առաջնորդաց գալ ամյամէ յոտս հայրապետին, մանաւանդ յորժամ հայրապետն նոր յաթոռ նստցի ( ԴԻՒ. Գ. 22), եւ մինչեւ իսկ Կարսի Աբրահամ եպիսկոպոսին գալ չուզելուն համար, Սիմէոն կամէր ընդ բանիւ առնել զայն, որով նա ալ ապա զղջացեալ եկն ( ԴԻՒ. Գ. 36): Վերոյիշեալ կարգադրութիւններէն Մայրաթոռ այցելելու պարտքը այժմ իսպառ մոռացութեան ինկած է, դաւանութեան եւ հաւատարմութեան ուխտերը, եւ ձեռնադրութեանց մասին կանոնները կը մնան, միայն աթոռը թողլու եւ հրաժարելու խնդիրը իր նշանակութիւնը կորուսած է, քանի որ Ռուսահայոց համար աթոռի անունով ձեռնադրութիւնն ալ ջնջուած է: Իսկ Տաճկահայոց մէջ քաղաքական եւ ազգային պատահարներ, եկեղեցական պահանջներէ անկախաբար, ստէպ հրաժարելու կամ հրաժարեցնելու կը ստիպեն: Եպիսկոպոսական ձեռնադրութեանց հաստատուն կերպով աթոռի մը հետ կապուելուն հնօրեայ կանոնը իրեն ծագումն ունէր, եպիսկոպոսացուներուն անհրաժեշտաբար նոյն վիճակին քահանայական դասէն առնուելէն, ինչ որ այժմ խափանուած է, եւ եպիսկոպոսներ կամ առաջնորդներ շատ անգամ հեռաւոր վանքերու միաբաններէն կ՚առնուին: Միւս կողմէն վիճակներու կարեւորութեան եւ վիճակներու փորձառութեան պատճառներն ալ կը պահանջեն, որ առաջնորդներ նոյն համեմատութեամբ զարգանան: Ո'չ անփորձներ կարեւոր վիճակներու նշանակուին եւ ո'չ փորձառուներ երկրորդական վիճակներու մէջ փակուին: Այդ տեսութիւններ ուրիշ եկեղեցիներու մէջ ալ ոյժ ստացած են, եւ Յոյն ու Լատին եկեղեցիներն ալ ընդունած են վիճակաւորները աստիճանաբար բարձրացնելու դրութիւնը: Սիմէոնի ձեռնարկներէն իր վերջին տարիներուն մէջ տեղի ունեցածները` վերջէն գրելու պայմանով, քիչ մըն ալ ուրիշ աթոռներու մէջ այդ միջոցին տեղի ունեցած անցքերը քաղենք:

2104. ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱԹՈՌ

Կիլիկիոյ աթոռին մասին վերջին անգամ յիշեցինք Միքայէլ Աջապահեանի մահը, եւ իր եղբօր Գաբրիէլի յաջորդելը 1758-ին 2050), երբ Մայրաթոռ դատարկ էր, որով թէ Շամախեցիին ատեն եւ թէ Երեւանեցիին առջի տարիները Գաբրիէլն էր Սսոյ գահակալը: Գաբրիէլ հեռու մնաց այն ձգտումներէն զորս ունեցած էր Միքայէլ, իր իրաւասութեան սահմանները ընդարձակելու, Էջմիածինի հպատակ վիճակներէն մաս մը իրեն վրայ դարձնելով, մանաւանդ թէ բոլոր Տաճկահայոց կաթողիկոս ճանչցուիլ կ՚ուզէր, պնդելով թէ ինձ վայել է ունել զայս երկիր` որ ընդ իշխանութեամբ Օսմանցւոց է, առ որով եւ ես եւ աթոռս իմ կամք ( ՋԱՄ. 99): Սակայն Կ. Պոլսոյ մեծամեծներ իրեն քաջալերութիւն չտուին, եւ մինչեւ իսկ արքունական հրովարտակաւ հանին Միքայէլը ի քաղաքէն եւ ի վիճակէն Էջմիածնի, եւ այս պատճառով Երեւանցիի գրիչին ներքեւ օրհնեալ իշխանքն մեր կը կոչուին այս անգամ, մինչ ուրիշ պարագայի մէջ 2085) համակիր եղած չէր Կ. Պոլսոյ ազգայնոց մասին: Սիմէոնի հակակիր զգացումին հետեւանք կը սեպենք մայրաքաղաքի եկեղեցականներուն եւ Նալեան պատրիարքին վրայ գցած մեղադրանքը, թէ Միքայէլի ձգտումներուն օգնեցին Յունաստանաբնակ սեւագլուխքն, եւ մանաւանդ Յակոբ վարդապետն որ յայնմ ժամանակի պատրիարք էր ի Կոստանդնուպոլիս, որովհետեւ եթէ Միքայէլ արքունական հրովարտակաւ հեռացուեցաւ, անշուշտ պատրիարքն էր եղած հրովարտակը հանել տուողը: Իրաւ Կ. Պոլսոյ պատրիարքն ու եկեղեցականները մասնակցեցան Ջահկեցիին դէմ եղած հակառակութեանց, այլ ոչ երբեք Մայրաթոռին դէմ մրցեցան, ինչպէս եւ միաբանիցն սրբոյ Էջմիածնի` Ջահկեցիին դէմ խռովութիւն հանելը, երբեք իբր Սսոյ աթոռին նպաստաւոր շարժում մը չի կրնար մեկնուիլ: Անգամ մը որ Միքայէլին ճիգերը անյաջող մնացին, Գաբրիէլ անոնք վերանորոգել չուզեց, եւ այս կողմէն հաշտ յարաբերութիւններ շարունակեցին, եւ է այսպէս մինչեւ ցայսօր, կը գրէ Սիմէոն իր ժամանակին համար ( ՋԱՄ. 99): Գաբրիէլի գործունէութենէն բան մը պիտի չկարենանք գրել առձեռն տեղեկութիւններ պակսելուն համար, բայց նշանաւոր արդիւնք մըն ալ ունեցած չ՚երեւիր, զի ունենալու ալ դիւրութիւն չունէր` ընկճուած ըլլալով Գօզանօղլուներու տեղական բռնապետութեան ներքեւ: Նոյն իսկ Գաբրիէլի կեանքը զոհուեցաւ այդ բռնութեանց, վասնզի Սսոյ վանքին վրայ խուժող լեռնականները, զորս արիւնըռուշտ գազանք կը կոչէ յիշատակագիրը, կաթողիկոսին ալ չխնայեցին, եւ զարկին սպաննեցին 1770 սեպտեմբեր 10-ին, Խաչի շաբաթապահքին ուրբաթ օրը: Միւս օրը, շաբաթ առտուն, հազիւ թէ վանքին մէջ եղողներ` սպանեալ կաթողիկոսը թաղեցին ի դիրս հանգստեան, ահա նոր յարձակում մը կրեց Սսոյ վանքը Գօզանօղլուի անսանձ վոհմակներէն, որոնք զայս ինչ պահանջելով կամ զայն, միաբանները կը խոշտանգէին եւ կը կոշկոճէին, այնպէս որ ոչ պակաս քան զաւուրս տասն, խեղճ միաբաններ շուարած էին մահու ակնկալեան քան կենաց: Տասն օրերէն վերջ յարձակումը կը նորոգուի, եւ Գօզանօղլուն աւելի քան զքառերիւր արս սրիկայս եւ արիւնածարաւս կը ղրկէ վանքին վրայ կողոպտելու եւ կոտորելու, բայց երբ միաբաններ ինքզինքնին արդէն գերեզմանի մօտ կը կարծէին, յարձակողներէն երեւելի ոմանք դադար կու տան տագնապին, եւ վանքին մէջ եղողներէն ոմանք առիթ կը գտնեն, դուրս ելլել եւ Ատանա ապաստանիլ: Փախչողներուն գլուխն էին Մարկոս քահանայ Աջապահ` վերջին երեք կաթողիկոսներուն եղբայրը, անոր որդին Եփրեմ եպիսկոպոս, այն որ շփոթը անցնելէն ետքը կաթողիկոս ընտրուեցաւ, եւ 1771 տարւոյն սկիզբները Սիս դառնալով օծում ստացաւ ( ՍԻՍ. 219), թէպէտ այլուր 1772 նշանակուած կը գտնենք ( ՊԱՍ. 22), իսկ ինքն Եփրեմ իր ազգաբանութիւնը կը կազմէ առանց թուականներու:

2105. ԱՂԹԱՄԱՐԻ ԱԹՈՌ

Աղթամարի աթոռին վրայ թողուցինք Գրիգորը իւրայիններէն ընտրուած, որուն մասին դիտողութիւն չ՚ըրին կամ չկրցան ընել Մայրաթոռոյ գահակալները, եւ այսպէս խաղաղութեամբ վախճանեցաւ նա 1761-ին 2018): Գրիգորի կը յաջորդէ Թովմաս, միշտ իւրայիններուն ընտրութեամբ եւ Ջահկեցիի օրով դրուած պայմանին հակառակ, սակայն Թովմաս պէտք կը զգայ Մայրաթոռոյ պաշտպանութեան, եւ հաստատամիտ որոշմամբ մը, չենք գիտեր թէ ի խղճէ հարեցեալ, եթէ ի բազմութենէ պարտուց բռնադատեցեալ, կ՚ելլայ անձամբ Էջմիածին կու գայ, եւ ինքնայօժար պատրաստակամութեամբ խոստովանի զգոլն իւրեանց ընդ նզովիւք Ղազարու կաթողիկոսին: Մինչեւ իսկ կիրակի օր մը ի մէջ եկեղեցւոյ ի ժամ սուրբ պատարագի, անկեալ ի ծունկս, եւ բացաւ գլխով, եւ Ընդ անառակին որդւոյ գոչեմ շարականը ասելով, խնդրէ զարձակումն: Յակոբ Շամախեցի կաթողիկոս ընդունի սիրով Թովմասն ու իր խոստովանութիւնը, եւ տայ զարձակումն ի մէջ հանդիսին, եւ հայրապետական կոնդակով կը հաստատէ Թովմասը իր աթոռին վրայ, եւ կը վերանորոգէ զկանոնս ուխտադրութեանցն եւ նզովափակ կանոնացն, որոնք Ղազարի եւ Նիկողայոսի օրով հաստատուած էին 2018), եւ այլ ուրիշ պատուէրս եւ կանոնս կը հրամայէ, զի Աղթամարցիք մի եւս դիցեն ինքնագլուխ զկաթողիկոս ինքեանց, եւ այսպէս պատուով եւ խիլայիւք կը դարձնէ Թովմասը իր աթոռը: Երեւանեցին կը վկայէ թէ ցորչափ Թովմաս Աղթամարի կաթողիկոս մնացած է, տուած ուխտը յարգած է, եւ թէ ինչպէս նախորդին` նոյնպէս իր օրով ալ զսուրբ միւռոնն ի սրբոյ աթոռոյն առեալ բաշխէ վիճակին իւրոյ: Թէպէտ Թովմաս պէտք ունեցած ատեն նիւթերը կը խնդրէր, զի ինքն օրհնիցէ, սակայն Էջմիածին օրհնեալ սուրբ միւռոն կը ղրկէր, եւ խնդիր չէր յուզուեր ( ՋԱՄ. 97): Թովմաս 1776 դեկտեմբերին նոր դիմում մը կ՚ընէ Սիմէոնի, գանգատելով Աբրահամ Մոկացի վարդապետին դէմ, որ իրեն համամիտ գտնելով Մարգարէ վարդապետ մըն ալ, եւ իրեն հովանաւոր եւ պաշտպան ընելով Մոկաց Քուրդ բռնապետ Աւդուլլա խանը, հետամուտ էր զի լինիցի ինքն այնմ կողմանց ինքնագլուխ կաթողիկոս: Թովմաս կը խնդրէր որ Սիմէոն Աբրահամը բանադրէ, մինչ միւս կողմէն Աւդուլլա եւ Աբրահամ ալ յատուկ գիրերով դիմում կ՚ընէին, որ Մոկաց գաւառը զատէ եւ ուրիշ կաթողիկոսութիւն ընէ, իբր զի երկիրս այս տարակաց է ի յԱղթամարու: Սակայն Սիմէոն ամուր մնաց օրինականութիւնը պաշտպանելու, գրեց առ Աբրահամ եւ Մարգարէ նանրախորհուրդսն, զի կասիցին յունայնամտութենէ անտի: Աւդուլլայի ալ գրեց իր առաջարկին եկեղեցւոյ օրինաց հակառակ ըլլալը, եւ Վանի առաջնորդին եւ նուիրակին ալ պաշտօն յանձնեց թուղթերը հասցնել եւ գործին հսկել ( ԴԻՒ. Գ. 116-119): Առաջին գիրերուն` որ 1765 յունուար 10-ին գրուած էին, ժամանակին տեղը հասած չ՚ըլլալուն, նորեր ղրկեց մարտ 14-ին ( ԴԻՒ. Գ. 152): Հրամաններն ու սաստերը իրենց ազդեցութիւնն ունեցած պիտի ըլլան, որ այլեւս Աղթամարի խնդիր յուզուած չէ եւ Աբրահամը բանադրելու պէտք մնացած չէ: Թովմայի վախճանը կը դրուի 1783-ին (09. ՕՐԱ. 288):

 

2106. ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԱԹՈՌ

Երուսաղէմի աթոռին պատմութիւնը տուած ենք մինչեւ Կարապետ Գանձակեցիի պատրիարքութիւնը 1762-ին 2062): Կարապետի օրերը վէճերով անցան Սուրբ Տեղեաց խնդիրներով` Յոյներու եւ Լատիններու եւ Երուսաղիմացիներու անհիմն պահանջմանց եւ ոտնձգութեանց պատճառով, որոնց ելքը միշտ յաջող եղաւ, Կարապետի աչալուրջ գործունէութեան եւ Կ. Պոլսոյ աթոռէն ընձեռուած օգնութեանց շնորհիւ, որոնց մանրամասնութեանց մտնել զանց կ՚ընենք: Կարապետ իր պաշտօնավարութիւնը արդիւնաւորեց նաեւ կարեւոր նորոգութիւններով, թէ Ս. Յակոբեան մայրավանքին եւ ազգային փոքր վանքերուն վրայ, եւ թէ Ս. Յարութեան տաճարին վրայ: Սակայն ոտնձգութեանց դէմ մաքառումները եւ նորոգութեանց ծախքերը ստիպեցին զինքը անկանել ընդ պարտիւք, ուստի 1765 տարւոյ զատիկէն ետքը, որ ապրիլ 3-ին կը հանդիպէր, Յովակիմ Քանաքեռցի վարդապետը Կ. Պոլիս ղրկեց իբրեւ փոխանորդ, որ զինքն ու աթոռը պարտքերուն տագնապէն ազատելու աշխատի: Սակայն Գրիգոր Պասմաճեան պատրիարք ցաւած էր Կարապետի դէմ, սակս չկատարելոյ զխնդիր իւր զոր գրեալ էր, ուստի մեծամեծաց ժողով ալ գումարեց, որուն մէջ պաշտօնապէս մեղադրեցին զպատրիարքն Երուսաղէմի վասն ինչ ինչ խնդրոց, եւ որոշեցին փոխառութեանց կնիքն ալ անոր ձեռքէն առնել: Այդ ժողովին եւ որոշումին թուականը ցուցուած է 1765 օգոստոս 28 օրը: Այսուհանդերձ Կարապետ շարունակեց իր պաշտօնը վարել, մինչեւ իր մահը 1768 յունուար 24-ին, երբ նախընթացաբար ցուցուած հաշուով 2069) դեռ 60 տարեկան իսկ եղած չ՚ըլլար, եւ իբրեւ սովորական բացատրութիւն մը միայն ըսուած կ՚ըլլայ իրեն համար, թէ հասեալ յալիս ծերութեան հանգեաւ, հազիւ 6 տարի պատրիարքութենէ ետքը ( ԱՍՏ. Բ. 103):

2107. ՊՕՂՈՍ ՎԱՆԵՑԻ

Կարապետի յաջորդեց Պօղոս Վանեցի, միաբանութեան ընտրութեամբ եւ Կ. Պոլսոյ աթոռին եւ մեծամեծաց հաւանութեամբ, եւ հաստատուեցաւ 1768 ապրիլ 12-ի հրովարտակով: Պօղոսի նախընթացին մասին իր ինքնագիր յիշատակարանէն քաղելով կը պատմուի, թէ տակաւին մանկահասակ Երուսաղէմ եկած է Շղթայակիրին օրով, Արեւելցի ուխտաւորներու մեծ կարաւանի մը հետ, որուն մէջ կային իբրեւ 700 անձինք, Մշոյ առաջնորդ Աբրահամ Խոշաբեցին, Յակոբ Պալաթցի, Գաբրիէլ Պրուսացի եւ ուրիշ վարդապետներ, եւ Դամասկոսէ կարաւանին ուզած էր ընկերանալ կուսակալ Իսմայիլ փաշան ալ ( ԱՍՏ. Բ. 104): Պօղոսի հայրը Մարգարա` Աբրահամի եւ ուրիշներուն միջնորդութիւնը կը գործածէ, որ իր մանկահասակ որդին միաբանութեան մէջ ընդունել տայ, ինքն ալ վանքին պարտիզպանութեան կը մտնէ: Բայց երբ Մարգարա կը մեռնի, Պօղոսի հօրեղբայրը կու գայ ու տղան Վան կը դարձնէ, բայց Պօղոս եղանակը կը գտնէ նորէն Երուսաղէմի միաբանութեան դառնալու 1734-ին, որ ատեն կրնանք զինքը մերձաւորաբար 20 տարեկան ըսել: Քիչ ետքը, սարկաւագ, չորս տարիէ վարդապետ կը ձեռնադրուի: Առաջին անգամ նուիրակութեան կ՚ելլէ 1744-ին, առաջ Վան, վերջէն Եւդոկիա եւ այլուր, մինչեւ եպիսկոպոս ձեռնադրուիլը 1752-ին Մինաս կաթողիկոսէ: Թէոդորոս պատրիարքի օրով ալ նուիրակութեանց կը պտտի Խրիմ, Ռումէլի, Զմիւռնիա եւ Նիկոմիդիա, իսկ Կարապետի օրով վանքին մէջ դարպասընկալի պաշտօնը կը վարէ, մինչեւ անոր տեղը պատրիարք ընտրուիլը, իրեն առաջին պաշտօնը փոխանցելով Սարգիս Ֆէրմանեան վարդապետին ( ԱՍՏ. Բ. 105): Պօղոսի պատրիարքութիւնը տագնապներու եւ տառապանքներու հիւսուած մը եղաւ, իր բովանդակ եօթնամեայ տեւողութեան մէջ: Մէկ կողմէն Եգիպտոսի բռնապետներէն Ալի պէկ Պաղեստինի վրայ յարձակեցաւ 1770-ին, Գազա եւ Ռամլէ գրաւեց ու աւարեց, Երուսաղէմը նեղեց, Յոպպէ ալ իրեն անձնատուր եղաւ 7 ամիս պաշարման դիմանալէ ետքը, եւ 1772 փետրուար 6-ին Ալի պէկ յաղթական քաղաք մտաւ եւ կողոպտեաց զվանօրայս: Ալի պէկի օգնական էր Աքիայի բռնապետ, Օմար-Դահա շէյխը, որ Պաղեստինի զանազան կողմերը կ՚ասպատակէր, եւ Յոպպէի պաշարման ալ օժանդակեց ( ԱՍՏ. Բ. 106): Միւս կողմէն Օսմանցոց եւ Ռուսաց պատերազմները կը շարունակէին Տնիէսթէրի եւ Դանուբի ափերուն վրայ, երբ մի ճիւղն ալ Միջերկրականի մէջ փոխադրուեցաւ, ուր եկաւ սարսափ ազդել 1769 սեպտեմբերին` Նէվայի գետաբերանէն մեկնող Ռուսական տորմիղը: Պեղոպոննէս եւ Ատտիկէ, Թեսաղիա եւ Եպիրոս ալ Օսմանցոց դէմ ելան Ռուսական առաջին տորմիղին երեւնալուն, որուն երկրորդ մըն ալ աւելցաւ քիչ ետքը Էլֆինսթօն (Elphinston) ծովակալին հրամանատարութեամբ: Տարիներ տեւեցին Արշիպեղագոսի կղզիներուն եւ ցամաքի նաւահանգիստներուն վրայ եղող պատերազմները, որոնց մանրամասնութեանց չենք մտներ, եւ թերեւս բնաւ ալ չյիշէինք եթէ այդ պատերազմներուն երեսէն ծովագնացութիւնը արգելուած եւ Երուսաղէմի ծովաչու ուխտաւորութիւնները խափանուած չ՚ըլլային: Երբոր մէկ կողմէ Երուսաղէմ հրոսակէ կը նեղուէր, միւս կողմէն իրեն պէտքերուն գլխաւոր դարման եղող ուխտաւորներու արդիւնքէն ալ կը զրկուէր: Սուլտան Մուսթաֆա Գ. այդ շփոթութեանց մէջ մեռաւ 1774 յունուար 21-ին, եւ իր եղբայրը սուլտան Ապտիւլ-Համիտ Ա. հազիւ կրցաւ տագնապներուն վերջ տալ` 1774 յուլիս 21-ին Քիւչիւք-Գայնարճըի դաշնագիրով, որով Օսմանեանք Ռուսներու հովանաւորութեան կը թողուին Խրիմը ու Պուճաքը ու Քուպանը, անոնց կը յանձնէին Աղախու եւ Գլպուրնուի ամրոցները, եւ կը հաւանէին Ռուսներու ազատ ծովագնացութեան բոլոր Օսմանեան ջուրերու մէջ, բաւականանալով ետ առնուլ Պեսարապիան, Մոլտավիան, Վալաքիան եւ Արշիպեղագոսի Ռուսներէն գրաւուած կղզիները ( ԺՈՒ. 352-358): Պաղեստին որ պահ մը հանդարտած կը կարծուէր, կրկին վրդովուեցաւ Եգիպտացի Ապու Տահապի արշաւանքով, որ 1775-ին, Երեւման խաչին օրը, մայիս 10-ին, եւ ոչ 7-ին ( ԱՍՏ. Բ. 106), Յոպպէ ալ մտաւ եւ ի սուր մաշեաց զբնակիչս նորա, եւ բոլոր վանքերը աւերեց ու աւարեց: Մինաս վարդապետ պատարագ ըրած ատեն գլխատուեցաւ, տեսուչ վարդապետը ջրհորի մէջ պահուըտած տեղը սպաննուեցաւ, ուրիշ 6 միաբաններ եւ 6 ուխտաւորներ Յոպպէի մէջ նահատակուեցան: Գոյժը Պօղոս պատրիարքը ցնցեց, եւ յանկարծ խուն ինչ ցաւօք խիթացեալ, ինչպէս տապանագիրին մէջ գրուած է, քանի մը օր ետքը մայիս 18-ին վախճանեցաւ: Տրուած համառօտ տեղեկութիւնները բաւական են ցուցնել, թէ դառնութեանց ժամանակին ցաւերովը շարունակ տանջուած, եւ բոլոր իր պատրիարքութեան միջոցը տառապած, դժբախտ պատրիարքը չհանդուրժեալ վշտաց, անակնկալ մահուամբ կեանքն ալ կնքեց ( ԱՍՏ. Բ. 107): Յաջորդին ընտրութեան վրայ առաջիկային պիտի խօսինք:

2108. ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՑ ԲԱԺԱՆՈՒՄԸ

Կոստանդնուպոլսոյ աթոռին վրայ երկար խօսելու ըլլալով, կը կանխենք քանի մը ցրիւ տեղեկութիւնները քաղել: Կարեւոր եղելութիւն կը նկատենք Մխիթարի հիմնած միաբանութեան մէջ տեղի ունեցած պառակտումը, որ մինչեւ միաբանութեան երկուքի բաժնուելուն առաջնորդեց: Վենետիկի միաբաններուն կողմէն հրատարակուած տեղեկութիւններ կը սիրեն լռութեամբ կամ քօղարկմամբ անցնիլ այդ պարագաներուն վրայէն, եւ մինչեւ իսկ նորագոյն հրատարակութեանց մէջ կը բաւականանան ըսել, թէ Ս. Ղազարու կամարին վրայէն սեւաթոյր ամպեր անցան, եւ ներքին տարաձայնութիւնք առ ժամանակ մի խաւարեցուցին անոր պայծառ հորիզոնը, բայց թէ այդ տարաձայնութիւնք Մխիթարայ աստուածանուէր կաճառը միշտ աւելի ամրապնդեցին ( ՅՈԲ. 51), այլ թէ ինչ էին այդ տարաձայնութիւնները, բացատրել չեն սիրեր, անշուշտ տեսակ մը զգուշաւորութեամբ: Գրեցինք արդէն թէ Ստեփանոս Մելքոնեան աբբահօր ընտրութեան օրէն գլուխ տուած էին ներքին անհամաձայնութիւնք 2031), որոնք փոխանակ մեղմանալու` շարունակ աճած եւ ընդարձակած էին, 1750 ապրիլ 6-էն սկսելով, որ է Մելքոնեանի ընտրութեան օրը: Խնդրոյ նիւթ եղող կէտը վանական կանոնադրութիւնն է եղած, եւ Մելքոնեան կը մեղադրուի, իբր թէ Մխիթարի սահմանած կարգերը փոփոխել կ՚ուզէր, եւ իւր նորաձեւութիւններով երիցագոյն միանձանց մէջ տժգոհութիւն յառաջ կը բերէր ( ՅՇՐ. 4): Այլ թէ ինչ էին Մխիթարի կարգերը եւ իflնչ Մելքոնեանի նորաձեւութիւնները, պիտի չկարենանք ճշդել, որոշ տեղեկութիւններ չգտնելով. միայն յայտնի կը տեսնուի թէ Մխիթարի կարգերը հաստատուն եւ որոշ հիմերու վրայ դրուած չեն եղեր, եւ միայն իր անձնական հեղինակութեամբ յառաջացեր է իր ձեռնարկը: Մելքոնեան 1765-ին ատենները Սահմանադրութիւն մը կը կազմէ, եւ կ՚աշխատի իր պաշտօնին հետ այն ալ պապական իշխանութեամբ հաստատել տալ, առանց միաբանութեան հաւանութիւնն ունենալու: Եօթը տարի շարունակ այդ դիտումին կը հետապնդէ իւրովի, եւ միաբանները անոր ընթացքէն ձանձրացած, 1772 մայիս 25-ին ժողովի կը գումարուին, եւ կը պահանջեն Մելքոնեանէ իր ձեռնարկէն ետ կենալ, եւ հին Սահմանադրութեան պահպանութիւնը շարունակել. եւ երբ չեն յաջողիր անոր հաւանութիւնը ստանալ, կ՚որոշեն Մելքոնեանը վար առնել եւ նոր աբբայի ընտրութեան ձեռնարկել: Բայց Մելքոնեան, երբոր ներքին զօրութիւնը կը կորսնցնէ, արտաքինին պէտքը կը զգայ, տեղական Լատին արքեպիսկոպոսին պաշտպանութեան կը դիմէ, եւ անոր միջնորդութեամբ Վենետկոյ հանրապետութեան զինուորական ոյժը Ս. Ղազար կը հրաւիրէ, եւ իբրեւ ըմբոստներու գլուխներ հայր Աստուածատուր Պապիկեան եւ հայր Մինաս Գասպարեան միաբանները բռնի վանքէն կը հանուին, եւ զինուորական հսկողութեամբ Վենետիկի հանրապետութեան սահմաններէն կ՚արտաքսուին: Ասով պառակտման նշանը կը տրուի, եւ վանքին մէջ եղող կամ վանքէ դուրս գտնուող միաբաններ այս ու այն կողմը կը սկսին յարիլ: Այն օր Մխիթարի աշակերտութիւնը կազմող միաբաններէն 13-ը միայն կը մնան Մելքոնեանի կողմը, իսկ 19-ը Պապիկեանի կողմը կը յարին, սակայն վանքը Մելքոնեանի ձեռք կը մնայ եւ բազմաթիւ հեռացողներն են որ օտարացած կը սեպուին ( ՅՇՐ. 4):

2109. ԲԱԺԱՆՄԱՆ ՊԱՏՃԱՌԸ

Եղելութեան հոգին բացատրել եւ արժէքը գնահատել պէտք էր ստուգիւ, բայց հարկ եղած ներքին տեղեկութիւնները չունինք, թէպէտ երեւոյթներն ալ կրնան նոյն նպատակին նպաստել: Մխիթարի սահմանած կանոններուն մէջ փոփոխութիւններ մուծանելու խնդիրին հետ ( ՅՇՐ. 4), Հնդկահայոց մէջ հաւաքուած գումարի մը կիրառութեան խնդիրը կամ կերպն ալ խօսուած է ( ՏԻՊ. 147). բայց անշուշտ, այս տեսակ ներքին ու մասնաւոր ու պատահական պարագաներէն աւելի, կշիռ ունեցած է ուղղութեան խնդիրը, որ կրցած է այդչափ ծանր հետեւանքի պատճառ ըլլալ: Ապա թէ ոչ հարկ կ՚ըլլար երկու կողմերուն վրայ ալ փոքրոգութեան եւ անլրջութեան արատը քսել: Իսկ ուղղութեան խնդիրն ալ անշուշտ մէկ կողմէն հռոմէականութեան եւ միւս կողմէն Հայութեան հանդէպ պահուելիք կերպերն էին, որ խնդրոյ նիւթ կը կազմէին այն ատեն: Մխիթարի անձնական ուղղութիւնը` հայասէր կողմ մը ունէր, բայց հռոմէականութեան մէջ փայլուն Հայութիւն մը կազմելու առեղծուածային գաղափարով կ՚օրօրուէր 2030): Եթէ այս էր Մելքոնեանի ալ դիտումը, հարկաւ որոշումը` անոր նպաստաւոր կողմը պէտք է հակի: Բաժանումէ ետքն ալ Մխիթարի այդ ծածուկ ոգին շարունակեց Վենետիկի մէջ, եւ հայկական ուսումներ նոր զարկ մը առին: Նշանակութեան արժանի է, որ երեք գլխաւոր եւ արդիւնաւոր անուններ, ինչպէս են` Վրթանէս Ասկէրեան, Ստեփանոս Ագոնց եւ Միքայէլ Չամչեան վարդապետները, Մելքոնեան բաժնին մէջ մնացին: Ընդհակառակն Պապիկեանի հետ եղող բաժինը օր աւուր իրեն հռոմէականութիւնը դէպի լատինամոլութիւն տարաւ, եւ ոչ միայն հայականութիւնը չբարձրացուց, այլեւ վարդապետութեամբ եւ ուսուցմամբ, ընթացքով եւ ուղղութեամբ, եւ նոյնիսկ ծիսական կերպերով եւ զգեստներով` կատարեալ լատինութեան կողմը քաջալերեց եւ անոր հետեւեցաւ: Իրաւ է որ վերջին ժամանակներու մէջ` Կղեմէս Սիպիլեանի, Ղուկաս Տէրտէրեանի եւ Արսէն Այտընեանի ընդգրկած ուղղութիւնը, քիչ մը փոփոխեց Պապիկեանով սկսած ճիւղին ընթացքը, սակայն մինչեւ ասոնց ատենը, որ է ըսել դար մը ամբողջ, բոլորովին նախանձայոյզ հռոմէադաւանութիւնն էր այդ ճիւղին մէջ տիրողը, մինչ Մելքոնեանի հետ եղած ճիւղը հայասիրութեան իղձերուն եւ հայամօտութեան կերպերուն համար, նախանձայոյզներու հալածանքներուն եւ պապութեան խստութիւններուն ենթարկուեցաւ: Վենետիկի մէջ Մելքոնեանով մնացած բաժինը, իր աշխատութիւնները կրկնապատկեց, եւ ուսումնական արդիւնաւորութիւնը շատցուց: Ս. Ղազար կղզեակին մէջ տպարան ալ հաստատուեցաւ 1789-ին, մինչ անկէ առաջ միաբաններուն աշխատութիւնները Վենետիկի Իտալացի տպագրիչներուն ձեռքով կը հրատարակուէին: Բաժանման թուականէն ետքը ազգային երկասիրութիւններով ծանօթ միաբաններ ալ աւելցան Վենետիկի մէջ, եւ 1772-էն ետքը երեւցածներուն մէջէն, ազգովին գովութեամբ յիշատակուած անուններ են, Գաբրիէլ Աւետիքեան, Խաչատուր Սիւրմէլեան, Յովհաննէս Զոհրապեան, Ղուկաս Ինճիճեան, Մկրտիչ Աւգերեան, Իգնատիոս Փափազեան, եւ Մանուէլ Ջախջախեան ( ՅՈԲ. 219), որոնց ձեռնադրութիւնները առաջ են քան 1799 հոկտեմբեր 4 թուականը ( ՅՈԲ. 220), այսինքն Մելքոնեանի մահուան թուականը ( ՅՈԲ. 52):

2110. ՎԵՆԵՏԻԿԻ ԲԱԺԻՆԸ

Վենետիկ մնացող ճիւղին ուղղութիւնը յատկանշող, եւ կերպով մը բաժանման շարժառիթը մատնանշող պարագաներուն կարգին, կարեւոր կը սեպենք յիշել նաեւ այն մեծ խնդիրը, որ այդ միջոցին հռոմէադաւան Հայերուն մէջ կը յուզուէր, ու պապական ատեանին ալ ուշադրութիւնը գրաւած էր, եւ որուն մէջ Ս. Ղազարի միաբանութիւնը գլխաւոր դերն ունէր: Անգամ մըն ալ կրկնենք, թէ այն ատեն Հայ հռոմէականներ տակաւին ինքնուրոյն կացութիւն չունէին, Հայ պատրիարքարանի մաս էին եւ անոր կը հպատակէին, եւ այդ պատճառով այն կրօնական գործողութիւնները եւ խորհուրդները, որ այդ կացութեան յատկանիշներն էին եւ վիճակագրական հետեւանք ունէին, պարտաւոր էին պատրիարքարանի պաշտօնեաներու ձեռքէն եւ պաշտօնական եկեղեցիներու մէջ ընդունիլ: Այսպէս էին գլխաւորաբար մկրտութիւնը, ամուսնութիւնն ու թաղումը: Լատին եկեղեցականներ եւ քարոզիչներ այդ ընթացքը իբր հերետիկոսներու հետ հոգեւոր հաղորդակցութիւն կ՚անուանէին եւ կ՚արգելէին, մինչեւ իսկ ընդունուած խորհուրդները անվաւեր եւ ապօրէն կը հռչակէին: Իսկ Հայ հռոմէական ազգայիններ` ինքզինքնին նոյնիսկ քաղաքականապէս` ստիպուած կը զգային, բայց Լատիններու եւ լատինամոլներու թելադրանքներու հանդէպ ալ խղճի խայթով կը տանջուէին: Ուստի գաղտնի գործողութեանց ստիպուելով, կամ Լատին եկեղեցիներ կը դիմէին, կամ տուներու մէջ գողունի խորհուրդներ կատարել կու տային հայ-հռոմէական եկեղեցականներու ձեռքով: Այդ գողունի գործերն էին, որ պետական տեսութեամբ ալ ապօրինի կը նկատուէին, եւ անոնց դէմ եղած արգելքները` կամ անոնցմով զեղծանողներու դէմ ձեռք առնուած միջոցներն էին, որ կաթոլիկներու դէմ հալածանք անունով կը յիշուէին հռոմէականներու կողմէն, մինչ պարզապէս օրինականութեան բնական հետեւանքն էին: Վենետիկի միաբաններ յատկապէս այդ կէտին մտադրութիւն դարձուցած էին, հետեւելով իրենց առաջնորդին Մխիթարի կանուխէն ընդգրկած ուղղութեանը 1938), եւ կը ջանային ապացուցանել, թէ պէտք է ազատ թողուլ Հայ հռոմէականները, որ կարենան Հայ եկեղեցիներու մէջ հայադաւան քահանաներու ձեռքէն այդ խորհուրդները ընդունիլ: Իբր այդ նպատակին ծառայող փաստ, արուեստակեալ ձեւեր ալ կը գործածէին, եւ քաշքշուկ վկայութիւններով ցուցնել կ՚աշխատէին, թէ Հայոց եկեղեցւոյ դաւանութիւնը հռովմէական եկեղեցիէն տարբերութիւն չունի, թէ հռոմէականութեան անյարմար բացատրութիւններ ոմանց անհատական կարծիքներ են եւ նշանակութենէ զուրկ են, եւ թէ Հայոց եկեղեցին իր ամբողջութեամբը եւ պաշտօնական կերպով Հռոմէ զատուած կամ Հռոմէ դատապարտուած չէ: Այդ դրութեան գլխաւոր դիտումն էր Լատին քարոզիչներուն միջամտութիւնը հեռացնելով, բնիկ Հայ կաթոլիկութիւն մը ստեղծել: Այդ նպատակով պաշտօնական գիրեր ալ պատրաստուեցան, որոնց վրայ պիտի խօսինք:

2111. ԹՐԻԷՍՏԻ ԲԱԺԻՆԸ

Դառնալով այն երկու միաբաններուն որոնք զինուորական ոյժով Ս. Ղազարէ արտաքսուեցան 2108), ասոնք ուղղակի Թրիէստ (Trieste) ապաւինեցան, որ է հին Տերգեստիա քաղաքը, որ երկար ատեն Վենետիկի հանրապետութեան ներքեւ գտնուելէ ետքը, 1382-ին անցած էր Աւստրիոյ կայսերութեան: Այն ատենուան գահակալն էր Մարիա-Թերեզիա կայսրուհին, որ 1742-էն իր հօրը Կարոլոս Զ. ժառանգ ճանչցուած էր, եւ գործերու բուն վարիչն էր, թէպէտեւ միեւնոյն ժամանակ կայսր կը նկատուէր Կարոլոս Է. 1742-էն 1745, անկէ ետքը Թերեզիայի ամուսինը Փրանկիսկոս Ա. մինչեւ 1765, եւ անկէ ետքն ալ Թերեզիայի որդին Յովսէփ Բ.: Պապիկեանի յարող միաբաններ Թրիէստի մէջ հաւաքուեցան առաջին անգամ 1773 մայիս 19-ին, եւ Թրիէստի մէջ առանձինն մարմին կազմելու որոշումը տուին, եւ այդ նպատակով կայսրուհիին ալ դիմեցին, որ ամենայն եռանդով փարեցաւ իր սահմաններուն մէջ Արեւելեան համայնք մը եւ Հայկական միաբանութիւն մը կազմելու առաջարկին: Իսկ 1775 մայիս 30-ին կայսերական արտօնագիր մըն ալ տուաւ զանազան առանձնաշնորհումներով, եւ գլխաւորապէս Աւստրիական պաշտպանեալ նկատուելու հանգամանքով, եւ վանաշինութեան գետին ալ պարգեւելով: Այսպէս Թրիէստեան Հայ կրօնաւորներու միաբանութիւն մը կը ստեղծուի, Վենետիկեան Հայ կրօնաւորներուն միաբանութենէն անջատ: Իբրեւ պաշտօնական կոչում Վենետիկի մէջ անտոնեան կամ Բենեդիկտեան, կամ Անտոնեան-Բենեդիկտեան անունները խառն գործածուած էին: Թրիէստի ճիւղը կը պարծենայ առաջին եղած ըլլալ Մխիթարեան միաբանութիւն անունը պաշտօնապէս գործածելու մէջ, թէպէտեւ յաշակերտութենէ Մխիթարայ Աբբայի կոչումը կանուխէն ալ Վենետիկի մէջ կը գործածուէր: Որչափ ալ Թրիէստեան ճիւղը իբր առանձինն կը կառավարուէր, բայց տակաւին վերջնապէս Վենետիկէ անջատուելու գաղափարը զօրացած չէր. այլ աւելի Մելքոնեանի անձին դէմ եղած գրգռութիւնը կը տիրէր, եւ անոր մահուընէ ետքը նորէն միաւորուելու ակնկալութիւնը կորսուած չէր: Ուստի մէկ կողմէն Թրիէստեան ճիւղն ալ ուսման եւ տպագրութեան, դաստիարակութեան եւ քարոզութեան գործողութիւններուն հետամուտ էր, Մխիթարի ձեռնարկին հետեւողութեամբ. իսկ միւս կողմէն առժամեայ վարչական կերպ մը կը պահէր` եռամեայ պայմանաժամով ընտրուած վանահայրերով. մինչ Վենետիկի մէջ կը տիրէր ցկեանս աբբահայրութեան դրութիւնը: Թրիէստեաններու նիւթական միջոցները, թէ հռոմէական ազգայիններու եւ թէ Աւստրիական պետութեան կողմէն` տակաւ նուազեցան, 1773-ին լուծուած Յիսուսեանց միաբանութեան ինչքերէն դիւրագնոյ ստացութեանց փափաքը` պարտքերու ալ դուռ բացաւ, եւ պահ մը իրենց մէջ ալ վհատութիւն տիրելով` հեռացողներ եւ Վենետիկ դարձողներ ալ գտնուեցան, բայց Թրիէստեան ճիւղը չլուծուեցաւ, եւ կրցաւ իր շարունակութիւնը պահել: Այդ մասին մեծ աշխատութիւն եւ արդիւնաւորութիւն ունեցաւ Աստուածատուր Պապիկեան վարդապետը, որ գիտցաւ պետական եւ արքունական յարաբերութիւններն ալ մշակել:

2112. ԱՆՏՈՆԵԱՆՔ ԵՒ ԶԸՄՄԱՌ

Երբոր Մխիթարեան միաբանութիւնը շփոթ միջոց մը կ՚անցընէր Վենետիկի մէջ, Անտոնեան միաբանութիւնն ալ ազատ չէր նմանօրինակ շփոթներէ, բայց ոչ բուն միաբանութեան մէջ, այլ աւելի բնիկ Անտոնեան միաբան` Միքայէլ Գասպարեան կաթողիկոսին երեսէն 2065): Սա իր Զըմմառի հայրապետանոցը եւ անոր մէջ բացուած դպրանոցը ծաղկեցնելու փափաքով, Անտոնեանց զարգացման արգելքներ հանելու ալ չէր վարաներ, եւ միաբանութեան տէր դառնալու անտեղի պահանջումներու ալ կը ձեռնարկէր: Գասպարեանն ալ Լիբանանի մէջ նմանօրինակ դեր մը կը վարէր, ինչ որ Մելքոնեան ունեցած էր Վենետիկի մէջ 2108): Անտոնեանք Հռոմի մէջ վանք մը կազմակերպելէ ետքը 2065), աշակերտներու պզտիկ խումբ մը ուզեցին փոխադրել հոն` ուսումնական զարգացման համար, բայց Գասպարեանի դժուարութիւն հանելուն վրայ, պարտաւորուեցան գաղտագողի եւ փախստեան ճամպով Լիբանանէ հանել աշակերտները հայր Կարապետ Հալաճեան միաբանի առաջնորդութեամբ: Մեկնողներ դժուարին ուղեւորութեամբ, եւ Մարսիլիա ու Լիվօռնօ երկարատեւ դադարներով, հազիւ եօթն ամիսէ Հռոմ կը հասնին: Նոյն միջոցին Անտոնեանք Մարոնիներու միաբանական կանոնին փոփոխութիւններով իրենց համար վաւերացուելուն հետամուտ էին պապութեան առջեւ: Փրօփականտայի ժողովը ինչ ինչ բացատրութեանց համար Գասպարեանին կը գրէ, որ այդ առիթէն օգտուի, իր գաղափարը առաջ քշելու, որ էր Անտոնեան յատուկ միաբանութիւնը խափանելով միակ Զըմմառեան աշակերտութիւն մը հաստատել, զոր միաբանութիւն կ՚անուանէր, եւ ըստ այսմ իր միտքին համեմատ բացատրութիւններ եւ տեղեկութիւններ կը հաղորդէր Հռոմ: Բայց անոնք ընթացք չէին ունենար, եւ Անտոնեան միաբանութիւնը իր դիրքը կը պահէր, թէպէտ առկախ ու առժամեայ ձեւով մը, համաձայն Հռոմի որոշման, որ Անտոնեանք ազատ ըլլան ցարդ գործածած կանոններուն համեմատ գործել մինչեւ որ Փրոփականտայի սուրբ ժողովը վերջնականապէս որոշէ այդ խնդիրը ( ԱՆՏ. ): Գասպարեան շարունակ իր նպատակին ծառայելով, 1776-ին գումարուած Անտոնեանց միաբանական ժողովին կ՚ուզեր մասնակցիլ իբր բնիկ միաբան մը, բայց միաբաններուն կողմէ ընդդիմութեան հանդիպելուն, ժողովը անվաւեր հռչակելու, եւ իբրեւ թէ միաբանութիւնը օրինական դրութիւնը կորսուած ըլլար, իր կողմէն այցելու գլուխ մըն ալ նշանակելու կը ձեռնարկէր: Բայց Յովհաննէս Պէտիկեան աբբահօր խոհական կերպերը, եւ տեղացի իշխաններուն միջամտութիւնը զինքը կասեցուցին: Գասպարեան, որչափ դիւրաբորբոք իր ձեռնարկներուն մէջ, նոյնչափ ալ դիւրափոփոխ էր պարագայից հանդէպ, ուստի իր կեանքին վերջին օրերը 1779-ին, հաշտութիւն եւ խաղաղութիւն կը հաստատէր միաբաններուն հետ, սակայն երկկողմանի հիմնական որոշման մը յանգելու ատեն չէր մնար, զի քիչ ետքը կը վախճանէր 1780 նոյեմբեր 5-ին, եւ կը թաղուէր Զըմմառի կաթողիկոսարանը: Իրեն յաջորդեց Բարսեղ Ավքարեան, Բերիացի, սա ալ Անտոնեան միաբան, Յակոբ կաթողիկոսէ Ամասիոյ անունով եպիսկոպոս ձեռնադրուած: Ընտրութիւնը կատարուեցաւ 1780 դեկտեմբեր 1-ին, երեք եպիսկոպոսներու ժողովով` ընտրեալն ալ մէկտեղ համրելով, եւ երկու եպիսկոպոսներ ալ բացակայ գտնուելով ( ԱՂՔ. Ա. 31), իսկ պապական հաստատութիւնը ստացաւ 1781 յունիս 21-ին:

2113. Կ. ՊՈԼՍՈՅ ԱԹՈՌ

Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեան վրայ խօսելով նորէն պիտի յիշենք թէ ալեկոծեալ եւ դժուարին կացութեան մէջ կը գտնուէր Գրիգոր Պասմաճեան վարդապետ պատրիարքը 2089): Առեղծուածային կերպարան մը ունի այդ կացութիւնը, որուն մէջ Պասմաճեան ծանր հակառակութիւններու եւ աւելի ծանր ամբաստանութիւններու ներքեւ գտնուելով ալ` իր պաշտօնին վրայ կը մնայ, թէպէտ յակամայից պաշտօնի կոչուած կը ցուցնէ ինքզինքը: Ինքն չի թողուր ու չի թօթափեր պաշտօնը, եւ ոչ ալ իր հակառակորդները վերջնական կերպով զայն հեռացնելու չեն ձեռնարկեր, եւ ինը տարիներ կը շարունակէ այդ անելանելի կացութիւնը, մինչ շատ դիւրին էին թէ Պասմաճեանի իւրովի հեռանալը եւ թէ Պասմաճեանի բռնի հեռացուիլը: Հակառակորդներու գլուխը կը գտնուէր Գասպար Մուրատեան ամիրան 2087), թէպէտ չենք գիտեր թէ ինչ անձնական հակառակութեան պատճառ կը գտնուէր մէջերնին, քանի որ Ահագինի խնդիրը այնչափ զօրաւոր գրգիռ մը պէտք չէր ըլլար այլեւս, Ահագինին եւ Շամախեցիին մեռնելէն եւ գործին փակուելէն ետքը: Պասմաճեան աւելի գործունեայ հակառակորդ մը աւելցաւ, Մանուէլ Բալուեցի քահանան, այն որ Նալեանի օրով ալ շփոթներու գլուխ էր կանգնած եւ պետական հրամանով աքսորուած 2060): Մանուէլ զկնի սակաւ ժամանակի Կիպրոսի աքսորավայրէն փախչելու հնարքը գտած էր, մօրուքը գերծելով եւ տարազը ծպտելով ( ՊԱՍ. 113), եւ Կ. Պոլիս գալուն Սիմէոն ամիրայի միջնորդութեամբ աքսորի հրամանն ալ ջնջել տալ յաջողած էր, եւ պահ մը առանց քահանայագործելու մնալէն ետքը` այդ արտօնութիւնն ալ ձեռք ձգել էր պատրիարքէն` Գասպար Մուրատեանին պահանջմամբ ( ՊԱՍ. 114), եւ մինչեւ իսկ պատրիարքարանէն շաբաթական ռոճիկ ստանալու սկսած էր ( ՉԱՄ. Գ. 875), հարկաւ հանդարտ մնալու պայմանով: Սակայն Մանուէլ այդչափով վաստակուելու մարդը չէր: Նա յարմար եւ ինքնընծայ գործիք դարձաւ Գասպարին ձեռքը, եւ Պասմաճեանը հալածելու ամենայարմար գործիչ մը: Իր կողմը շահեցաւ եւ գործակից կազմեց Աբրահամ Ակնեցին, որ էր յառաջագոյն ի գործ եւ ի ծառայութիւն պատրիարքին, իբր դրան գործակատար ( ՊԱՍ. 114), եւ Սարգիս Տիպաճեան քահանան, Սամաթիոյ Ս. Գէորգի ծխատէրներէն ( ՊԱՍ. 21), այն որ հնուց ալ Մանուէլի ընկերակից էր եղած 2060): Նորէն կազմուեցաւ Մանուէլեանց անհանդարտ խմբակը, հովանաւոր ունենալով Գասպար Մուրատեանը, այն որ պետն ազգիս կը կոչուի Պասմաճեանէ ( ՊԱՍ. 114): Մանուէլ սկսաւ ամէն կերպերով վատաբանել եւ զրպարտել, եւ պատրիարքը վարկաբեկ ընելով տապալելու աշխատիլ: Մանուէլի վերադարձին, եւ Մանուէլեանց կազմակերպուելուն թուական ցուցուցած է 1766 տարին ( ՉԱՄ. Գ. 875), որ է ըսել Պասմաճեանի պատրիարքութենէ ելնելէն եօթը տարի առաջ:

2114. ՊԱՍՄԱՃԵԱՆԻ ԴԷՄ

Անհաւատալի ըլլալու չափ անճոռնի են Պասմաճեանի դէմ յարուցուած ամբաստանութիւնները, եւ բոլորովին իսկ յիշատակելու համարձակութիւն չէինք ունենար, եթէ նոյնիսկ իր գրչով նշանակուած չտեսնէինք: 1. Թէ տղայութեան ատեն ի կրօնս Հագարացւոց միտեալ է, եւ իսլամութենէ քրիստոնէութեան դառնալով Երուսաղէմ եւ ուրիշ տեղեր թափառած, եւ անցեալը մոռցնել տալով եկեղեցականութեան մտած եւ մինչեւ պատրիարքութիւն բարձրացած, կամ իբր պատրիարք նկատեալ իմն եղեալ է: 2. Թէ թլփատեալ է, եւ թէ զայս վկայած էր մին ի յայն երկուց, այսինքն կամ Մանուէլը կամ Աբրահամը, որ յայտնած կ՚ըլլայ թէ իր կինն ըսած է իրեն, թէ ես ինքնին ականատես եմ ի բազում անգամ եւ ի բազում ժամանակս ( ՊԱՍ. 53), առանց ճշդելու թէ երբ եւ ինչպէս: 3. Թէ 800 քսակ գումար տալով Սարգիս Սարաֆեան եւ Սամուէլ Երզնկացի եպիսկոպոսները Արեւմուտք է ղրկած, որ դպրատուն բանան եւ տղաքներ ալ ղրկած է վասն ուսանելոյ զլատինականս: 4. Թէ երկու երկաթեայ արկղ Նալեանէ մնացած, եւ ոսկօք վնիժականօք լեցուն, որոնք յարքունիս պիտի տրուէին, հարկաւ իբրեւ տուրքերու վճարում, ինքն բացուցեալ է, եւ ոչ հասուցեալ ի յարքունիս: 5. Թէ զբոլոր զազգն եւ զժողովուրդս հնազանդեցուցեալ է փափին Հռոմայ, եւ քաջալերած երթալ ի յեկեղեցիս Լատինացւոց: 6. Թէ հրամայած է աղօթել վասն յաղթութեանց քրիստոնէից եւ վասն պայծառութեան հաւատոյ Լատինացւոց: 7. Թէ Հայերուն մէջէն զթուրքացեալս փախուցած է Արեւմուտք, եւ ներած որ հոն պահեն զհաւատս եւ զքրիստոնէութիւնս տեղւոյն ( ՊԱՍ. 54): 8. Թէ կը թողու զեկեղեցիքն առնել մզկիթս ( ՊԱՍ. 55): Պասմաճեան ինքն այդ կէտերը համրելով կը բաւականանայ, եւ ամէնն ալ առհասարակ բանս զրպարտականս անըմբերելիս եւ անլուրս կը յայտարարէ ( ՊԱՍ. 53), որով միեւնոյն ուժգնութեամբ հեռացուցած կ՚ըլլայ իրմէ, թէ յառաջագոյն թուրք եւ թէ այժմ ֆրանկացեալ ըլլալու կէտերը ( ՊԱՍ. 55): Այդ ամէնը կառավարութեան դուռն ալ կը խօսէին հակառակորդները, մինչեւ իսկ տային զգիրս ամբաստանութեան արքային ( ՊԱՍ. 54), եւ կ՚աշխատէին մինչեւ զմահացուցանել: Ասկէ զատ զգեստս թուրքականս, եւ չուան մըն ալ առձեռն պատրաստ պտտցնելով կ՚ըսէին, թէ երբ պատրիարքը տաճկացուցանեմք, այսու զգեստիւ պարտիմք զգեցուցանել եւ թէ այսու պարանաւ պարտի կախիլ. եւ վրայ կը բերէին, թէ յետ կախեցմանն նորին` ի ստուերի իւրոյ նստելոց եւ ըմպելոց եմք բաժակ ուրախութեան ( ՊԱՍ. 55): Որչափ ալ չափազանցուած երգիծանքներ ըլլան այդ խօսքերը, սակայն կը ցուցնեն հակառակորդներու լրբութեան աստիճանը, եւ անբացատրելի կը դարձնեն թէ ինչպէս տակաւին պատրիարքութեան աթոռին վրայ կը մնար, կամ թէ կը թողուին մնալ:

2115. ՀՐԱԺԱՐԵԼՈՒ ՓՈՐՁ

Իբրեւ հաւանական մեկնութիւն այս միայն կրնանք ըսել, որ հակառակորդ խմբակին համակրած չէր հանրութիւնը` գոնէ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը, եւ ասոնց համակրութեան եւ համաձայնութեան վրայ յենլով Պասմաճեան` իր պաշտօնը յառաջ կը վարէր, նեղուելով մէկտեղ լրբենի զրպարտութեանց երեսէն: Այդ կարծիքներուս իբրեւ փաստ կը նկատենք որ երբ Պասմաճեան ընտրութենէն ութը տարի ետքը կը փորձէ գործէ քաշուիլ, ժողովրդական բուռն հոսանք մը կը գտնէ իրեն նպաստաւոր: Ժողովուրդը ժողովի կը հրաւիրէ ի պատրիարքական յեկեղեցւոջ 1772 փետրուար 22-ին, ի յաւուր չորեքշաբթու, Ղեւոնդեանց եւ Վարդանանց տօներուն միջանկեալ օրը, եւ կը հաւաքուին վեց ճէօմահաթք, այսինք Կ. Պոլսոյ վեց թաղերու ժողովուրդը, քահանայք ու իշխանք, եւ ի բոլոր էսնաֆից ծերունիք եւ ի խօսից տեարք, աւելի քան զհազար, որեւ կը յայտնէ զկամս եւ զխորհուրդս իւր, այսինքն է զհրաժարումն ի գործոյն: Ժողովն ու ժողովուրդը երբոր լուան զայս բանս, ոչ լուան ձայնի աղաչանաց պատրիարքին, եւ պնդեցին ու խստեցին որ մնայ ի վերայ իւրեանց, եւ ի վերայ բոլոր ազգին տէր եւ պատրիարք, խոստանալով վրէժխնդիրս ըլլալ այնոցիկ` որք առնեն զներհակութիւնս եւ զհակառակութիւնս իրեն դէմ, եւ մինչեւ առ արքունիս բողոքել անոնց դէմ: Այդ խոստումը գիրի կ՚առնեն, եւ ներկաներէն աւելի քան զերկու հարիւր անձինս կնիք կը զարնեն, եւ թուղթը Պասմաճեանին կը յանձնեն: Ասոր վրայ Պասմաճեան կը քաջալերուի, եւ նոյնով բանիւ եւ գրուածովք համոզեցեալ կը զիջանի, եւ յայտնուած կամքին կը հնազանդի` մնալ ի վերայ գործոյն եւ ի վերայ պաշտօնին ( ՊԱՍ. 95): Դժբախտաբար իրեն տրուած վստահութիւնը գործնական չ՚ըլլար, վասնզի զկնի սակաւ ժամանակի մոռացան զամենայն զբանս եւ զխոստմունս իւրեանց, եւ նորէն Պասմաճեան իր հակառակորդներուն ձեռքէն նեղութեանց մատնուեցաւ ( ՊԱՍ. 96), որոնք մինչեւ կայսեր բողոք տուին, թէպէտ չլսուեցան, եւ եկեղեցիներու մէջ թուղթ ըսպառնալեաց ձգեցին: Պատրիարքը ոգեւորութիւն առած, Մանուէլի համախոհներէն մէկը բանտարկել տուաւ, նոյնիսկ Մանուէլն ալ Աբրահամ ընկերին հետ Ամասիա աքսորել կու տայ ( ՉԱՄ. Գ. 876), եւ դարձնելու համար միջնորդութիւններն ալ կը մերժէ ( ՍՐԳ. ): Բայց հակառակորդութիւնը չի վերջանար, վասնզի միշտ գործի վրայ էր Գասպար, զոր խորհրդապետ կ՚անուանէ Պասմաճեան, եւ կը յաւելու թէ կախումն միւսից ամիրայից ի նմանէ էր ( ՊԱՍ. 23):

2116. ՊԱՐՏՔԻ ԽՆԴԻՐ

Գասպար նոր առիթ մըն ալ կը ստեղծէ` պատրիարքը ձանձրացնելու, Երուսաղէմի հաշիւները մէջտեղ հանելով, որով զայն ութն հազար ղրշով պարտական եհան, որ էր Երուսաղէմի հաշուէն` իր պատրիարքական ընտրութեան առթիւ ծախսուած գումարը, որ ընդհանուր եւ պաշտօնական ծախք մըն էր, եւ ոչ թէ իր անձնական պարտքը: Այսու հանդերձ Գասպարի բռնադատութեան վրայ, Պասմաճեան կը զիջանի, եւ Երուսաղէմի պատրիարք Կարապետի անուան պարտագիր կը ստորագրէ, թէպէտ Կարապետ մեռած էր արդէն, անոր համար զթուականն նոյնոյ մուրհակին յառաջ եւ անցեալ ժամանակաւ կը դնէին: Այս կերպով պարտապան ըլլալէ ետքը, պարտքը վճարելու համար կը պարտաւորուէր վաճառել զոմանս զսպասս եկեղեցականս, ակնեղէնս եւ ոսկեղէնս եւ կերպասեղէնս, զորս պատրաստած էր ի յիշատակ Սրբոյն Յակոբայ աթոռին, եւ ի վերայ իւրաքանչիւրոց գրեցուցեալ ալ էր: Մուրհակը ստորագրելուն մէջ` պէտք է խոստովանիլ Պասմաճեանի տկարամտութիւնը, սակայն նա ինքզինքը կ՚արդարացնէ, եւ ակնարկելով Գասպարին, գազան է, կ՚ըսէ, որ գոչէ եւ խրոխտայ կրճտելով զատամունս, ոflվ է որ ոչ սարսիցի: Ուստի կը յաւելու, ըստ ամենայնի հնազանդեցաք վասն ահի նորա, որ ոչ երբեք կարացաք ասել բանս ինչ ընդդէմ կամաց նորին ( ՊԱՍ. 24): Սակայն եղելութեանց կապը կը ցուցնէ, թէ պատրիարքութիւնը պահելու միտումն է, որ զինքը զիջողութեան յորդորած է: Եղելութեան պարագաները բացատրելու համար կ՚աւելցնէ, թէ ինքն ատենին յայտնած էր, որ ծախքերու կարողութիւն չունի, բայց Գասպար եւ միւս ամիրաները ըսած էին, Աստուած ողորմած է, միայն թէ դու այժմս ի յանձնդ առ: Ուստի կը սպասէր որ այն պարտքը իր վրայ պիտի չծանրաբեռնեն, սակայն հակառակը ձեռնարկեցին ընել 1773-ին ( ՊԱՍ. 23), ընտրութենէն ինը տարի ետքը: Միւս կողմէն ալ կը յիշէ, թէ այս տեսակ ծախքեր միշտ աթոռին հաշւոյն եղած են, եւ ոչ ընտրեալներուն անձնականին: Յանուանէ կը յիշէ Յովհաննէս Կոլոտ պատրիարքը, որուն զամենայն պէտս եւ զպակասութիւնս հոգայր Շղթայակիրը, առաքելով լիապէս եւ ոչ ճշդմամբ: Յակոբ Նալեան պատրիարքին ծախքերն ալ 20, 000 ղուրուշ, Երուսաղեմէ ղրկած են` Սեղբոս ամիրային եւ Ղալաթիոյ աւագերէց Ձափխուն մականուանեալ Սահակ քահանային ձեռամբ: Մինաս Ակնեցիի Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան եւ Յակոբ Նալեանի Երուսաղէմի պատրիարքութեան ծախքն ալ 40, 000 ղուրուշ, ի յարդեանցն Երուսաղէմի տրեցեալ եղեւ: Յակոբ Նալեան երկրորդ անգամ պատրիարք եղած ատեն 4000 վնէժականս տուած է հրաժարելու հաւանող Գէորգ Ղափանցիին ի փողիցն Երուսաղէմի: Բերած օրինակները կը հաստատէ յաւելլով, թէ ականատես եւ տեղեակ եմք, եւ թէ դրամը բարձեալ տարաք ձեռամբ մերով. եւ կը կնքէ գոչելով. Միflթէ նոքա որդիք ազատի էին, եւ մեք միայն որդիք օտարաց եւ ծառայք էաք ( ՊԱՍ. 25): Սակայն այդ գանգատները անագան կը գրէ, մինչ գործին ատեն ձայն իսկ հանած չէ, կամ սաստիկ տկարամտութեան` եւ կամ աթոռը ձեռքէ հանելու վախէն ստիպուած:

2117. ՊԱՍՄԱՃԵԱՆԻ ՀՐԱԺԱՐԻԼԸ

Ժողովրդական ցոյցը եւ Պասմաճեանի հրաժարականին մերժումը, փոխանակ Պասմաճեանը աւելի զօրացնելու, ընդհակառակն զայն տկարացուցած էր, զի ցոյցը արդիւնք հետեւանք չէր ունեցած: Պասմաճեան այս տեսնելով, վերջնական կերպով քաշուելու մտադրութիւնը ունեցաւ, առաջին ցոյցէն տարի մը ետքը, որովհետեւ կը տեսնէր զզուելն Պոլսեցւոցն, եւ զարզայ տալն թագաւորին քանիցս անգամ, մինչեւ թագաւորի ձանձրանալն ընդ բազմութիւն արզայիցն, եւ հրամայելն զայլ ոք պատշաճաւոր ընտրել ( ԴԻՒ. Ը. 269): Բայց յառաջ քան զիջանելն ի պաշտօնէն, բանակցութեան մտաւ մեծամեծներուն հետ, առաջարկելով միով բաւական ապրուստիւ ի մօտակայ տեղւոջ ուրեք առնել զբնակութիւն. եւ մեծամեծներ առ այս խորհուրդս հաճեցան եւ դաշնադիրս եղեն ( ՊԱՍ. 111): Այդ պայմանագրութենէ ետքը, խորհրդակցութիւններ սկսան պատրիարքութեան ընտրելիներու վրայ, եւ այսպէս էանց ամիս մի ( ՉԱՄ. Գ. 876), մինչեւ որ վերջապէս հաւանեցան եւ համաձայնեցան Էջմիածինի նուիրակ Զաքարիա եպիսկոպոսի վրայ, եւ Գրիգորի հրաժարականին եւ Զաքարիայի ընտրութեան պաշտօնագիրները միանգամայն ներկայացուեցան կառավարութեան, եւ Պասմաճեան 1773-ին ի վերջն նոյեմբեր ամսոյ գործէ քաշուեցաւ ( ՊԱՍ. 34), կամ աւելի ճշդութեամբ, նոյեմբեր 28-ին պատրիարքութիւնը թողուց եւ բնակեցաւ Իւսկիւտար ( ՉԱՄ. Գ. 877), ուր էր Երուսաղէմի հին հոգետունը: Նոր պատրիարքին անձին եւ գործին վրայ չխօսած, Պասմաճեանի մասին յիշենք, թէ Իւսկիւտար առանձնացեալ ապրեցաւ իբրեւ ամիսս տասն: Սակայն այդ վիճակը հաստատուն չեղաւ, զի խորհրդական արդարամիտ իշխանաց խումբը, ինչպէս ինքն հեգնաբար կը գրէ, ոչ մնացին ի վերայ խոստմանց եւ խօսից իւրեանց, այլ սկսան կուտել զանազան խուժանս ( ՊԱՍ. 34): Ինքն չի բացատրեր թէ ըրածնին ինչ էր, իսկ ուրիշ տեղէ կ՚իմանանք թէ ձայներ սկսան հանել, թէ հանդերձեալ է յափշտակել զպատրիարքութիւնս: Գուցէ իր կողմնակիցներուն, եւ գլխաւորապէս կաթոլիկամիտներու մէջ խլրտումներ ալ սկսան Զաքարիայի դէմ: Ուստի մեծամեծներ ուզելով խափանել զառիթ շփոթութեանն, յորդորեցին Պասմաճեանը հեռանալ ( ՉԱՄ. Գ. 877), թէպէտ ինքն իրեն կը վերագրէ, զելանելոյն ի քաղաքէն եւ հեռանալոյն զկերպն եւ զեղանակն մտածած ըլլալու նախաձեռնութիւնը ( ՊԱՍ. 34): Կ՚երեւի թէ հեռանալու խրատը տուողներ` գործադրութեան կերպը իրեն են թողած. ինքն ալ մտածած է Կիպրոսի առաջնորդութիւնը ստանձնել, ինչ որ իրեն կը տրուի, եւ մայրաքաղաքէ մեկնելով Կիպրոս կը հասնի 1774 հոկտեմբեր 26-ին ( ՉԱՄ. Գ. 877): Այնտեղ ալ մնացած է դարձեալ իբրեւ ամիսս տասն, իբր թէ առաջնորդ տեղւոյն ( ՊԱՍ. 34), բայց որչափ ալ յօժարակամ ընտրած էր, սակայն Կիպրոս բաւական չէր Պասմաճեանի ձգտումները գոհացնելու, որ աւելի տկարամիտ քան համեստ, ընդարձակագոյն ասպարէզի եւ լաւագոյն բախտի ձգտումներով կ՚օրօրուէր: Միւս կողմանէ պատրիարքութեամբ ալ չյաջողելէ ետքը, ազգային շրջանակի մէջ նոր յաջողութեան յոյս չէր կրնար տածել, ուստի տարբեր շրջանակի մէջ նետուելու որոշումը կու տայ: Արդէն այն ատեններ բոլոր ազգային շրջանակի մէջ ձախողողներուն համար վերջին ապաւէնը այս եղած էր, ուստի ինքն ալ ուղղեցաք, կ՚ըսէ եւ հաստատեցաք զմիտս մեր առ ի դիմել դէպ յԱրեւմուտս ( ՊԱՍ. 34), թէպէտեւ ոչ մի նոր գանգատի նիւթ կամ նոր հակառակութեան նշան չէ ունեցած Կիպրոսի առաջնորդութեան միջոցին, զոր ինքն էր ուզած եւ ընդունած: Ազգային շրջանակէն բոլորովին յուսահատած պէտք է ըլլայ, որ եւ ոչ իսկ համարձակած է Էջմիածին դիմել, եւ գոնէ այնչափ փափաքած եւ հետամուտ եղած եպիսկոպոսութիւնը ստանալ: Կիպրոսէ մեկնիլը նշանակուած է 1775 սեպտեմբերին ( ՉԱՄ. Գ. 877), նաւագնացութիւնը եղած է սակաւ յերկար միջոցիւք, ըստ որում ձմեռնային էր եղանակն, եւ ուղիղ եկած է ի Վնէժ կամ Վենետիկ, մերձաւորաբար դեկտեմբերին մէջ: Այստեղ կը մնայ իբրեւ ամիսս հինգ, ուսկից կը փոխադրուի Հռոմ 1776 ամառուան, եւ հոն կը մնայ իբրեւ ամիսս ինն, եւ վերջապէս 1777 ապրիլին կը փոխադրուի Անքօնա (Ancona), փափաքելով առնել զբնակութիւնս առ ծովեզերեայ տեղի ( ՊԱՍ. 35), չենք գիտեր թէ օդին յարմարութեան համար, թէ ոչ Արեւելքի հետ ազատ յարաբերութիւն պահելու դիտմամբ:

2118. ԶԱՔԱՐԻԱ ԿԱՂԶՈՒԱՆՑԻ

Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեան համար Պասմաճեանի յաջորդ ընտրուած Զաքարիա եպիսկոպոսը, հռչակաւոր Կաղզուանցին էր, բնիկ Կարսայ վիճակի կամ հին Գաբեղեան գաւառի Կաղզուան աւանէն, որդի մեծատուն Բարիլոյս Փօքուզեանի եւ Նազէի, որ էր դուստր գլխաւորի նոյն գաւառի: Ծնած է շուրջ 1720-ին, եկեղեցականութեան փափաքով Մայրաթոռի ժառանգաւորաց դպրոցին աշակերտած, 1755-ին վարդապետ ձեռնադրուած լուսարարապետ Եղիազար եպիսկոպոսէ, եւ եպիսկոպոսութեան բարձրացած Շամախեցիին ձեռնադրութեամբ: Զաքարիայի արտաքին նկարագիրը կը տրուի, հասակաւն երկայն, դիմօքն գեղեցիկ եւ ահեղակերպ, լայներես եւ լայնաճակատ, եւ հերալի յոյժ ( ԴԻՒ. Ժ. 215), եւ այս վերջին պարագան առիթ տուած է զայն մակդիր անուամբ Գըլլը բաթրիք կոչելու (01. ՕՐԱ. 151): Իսկ ներքին նկարագրով կը ցուցուի իբրեւ կամքի եւ գործի տէր անձ, ազգին պատւոյն եւ եկեղեցւոյ պայծառութեան նախանձախնդիր, ուսման նուիրեալ եւ դաստիարակութեան հետապնդող, եւ իր նպատակին աշխատելու մէջ դժուարութենէ չ՚ընկճող եւ ուժգին միջոցներէ չխուսափող: Մայր աթոռէն հեռանալուն առաջին պաշտօնը եղաւ Եւդոկիոյ շրջանակին նուիրակութիւնը Շամախեցիին հրամանով, զոր կը վարէր երբ Սիմէոն աթոռ բարձրացաւ, եւ նուիրակութեան տարիները լրացնելով Էջմիածին դարձաւ 1764 մարտ 4-ին ( ԴԻՒ. Գ. 67): Հոն մնաց մինչեւ 1767, մինչեւ որ Յարութիւն Բասենցի եպիսկոպոսը` Կ. Պոլսոյ նուիրակը, մայրաքաղաքին նուիրակութիւնը աւարտելով նոյն շրջանակի յարտաքին վիճակսն էր ելած: Այդ միջոցին նուիրակէն զատ մայրաքաղաքի մէջ կը մնար ուրիշ վարդապետ մըն ալ Մութավէլու, այսինքն Միւթէվէլլի անունով, իբր կառավարիչ Մայր աթոռի ինչքերուն եւ կալուածներուն, եւ այս պաշտօնին կոչուած էր ծերունի Բարսեղ վարդապետը 2087): Երբոր Բասենցին մայրաքաղաքէն հեռացաւ, Սիմէոն մտածեց նոր կարգադրութիւն մը ընել, որ կերպով մը փոխարինէր Կ. Պոլսոյ մէջ կաթողիկոսական փոխանորդ հաստատելու ձախողած խորհուրդը 2086), եւ որուն տեղը չէր կրցած բռնել միւթէվէլլիի պաշտօնը: Այդ նպատակով Կ. Պոլսոյ շրջանին նուիրակութիւնը երկուքի բաժնեց, եւ մայրաքաղաքը յարակից վիճակներէն զատեց, միւթէվէլլիի պաշտօնը ջնջեց, Բարսեղ վարդապետը արտօնեց որ ուր ուզէ բնակի, եւ դարմանեսցէ զծերութիւն իւր, եւ Կ. Պոլսոյ լոկ քաղաքին համար նուիրակ նշանակեց Զաքարիա Կաղզուանցին, որ ընդ նուիրակութեանն` որքան եւ դիպեսցին անդ հոգալիք, հոգասցէ ( ԴԻՒ. Գ. 749): Այդ նոր պաշտօնին մասին պէտք եղած պաշտօնագիրները 1767 սեպտեմբերին գրուած կը տեսնուին ( ԴԻՒ. Գ. 761), որով հազիւ 1768-ին սկիզբները Զաքարիա Կ. Պոլիսի մէջ պաշտօնին ձեռնարկած կ՚ըլլայ: Զաքարիայի յանձնուած պաշտօնը` լոկ նուիրակութենէ աւելի ընդարձակ էր, եւ անուղղակի կերպով կանուխէն մտածուած կաթողիկոսական փոխանորդութիւնն էր: Զաքարիա իր պաշտօնին պայմանաժամը լրացնելով, իբրեւ կամէր դառնալ ի սուրբ աթոռն տիրակերտ, վերստին եղեւ կարգեալ ի նոյն գործ ( ԴԻՒ. Ժ. 215) կամ որ նոյն է, երկրորդաբար եկն իշխանութիւնն նուիրակութեան ի կաթողիկոսէն ( ՍՐԳ. ), այսինքն Զաքարիայի պաշտօնը կրկնուեցաւ, ինքն Կ. Պոլիսէ չհեռացած: Ըստ այսմ չ՚արդարանար ոմանց կարծիքը թէ Զաքարիա Էջմիածին վերադարձած էր, եւ երկրորդ անգամ ալ 1772-ին իբր նուիրակ եկած էր Պոլիս (01 ՕՐԱ. 152): Նոյն իսկ Սիմէոնի թղթակցութեանց հաւաքածոյն ալ, Կ. Պոլսոյ հետ յարաբերութիւնները անընդհատ կերպով Զաքարիայի հետ կը պահէ, եւ Կ. Պոլսոյ համար ուրիշ նուիրակի անուն չի յիշեր:

2119. ԶԱՔԱՐԻԱ ՊԱՏՐԻԱՐՔ

Հազիւ թէ Զաքարիա սկսած էր նորէն նուիրակական նուէրներուն հանգանակութեան, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ թաղէն սկսելով, Կ. Պոլսոյ մէջ Պասմաճեանի դէմ հակառակութիւնները զօրացան, նոր պատրիարքի ընտրութեան բանակցութիւններ սկսան. ուստի ինքն ալ կաթողիկոսին կը գրէր, թէ յայս քանի օրս բանն ի մի կողմն է եզերելոց, եւ յայնժամ գրելոց եմ զլիովինն ( ԴԻՒ. Ը. 269): Հարկաւ անտեղեակ չէր իրեն անունին շուրջը դարձած խօսքերուն, բայց բան մը չէ ուզած գրել, նոյնիսկ ընտրութիւնը ըլլալէն ետքն ալ, թէպէտ Սիմէոնի ցնծութիւն մեծ եղեւ պատրիարքանալն Զաքարիա վարդապետին, բայց ինքն Զաքարիա վարդապետն զայնմանէ բան ինչ ոչ գրեր, եւ 1774 յունուարին դեռ իրմէ այդ մասին գիր հասած չէր Էջմիածին ( ԴԻՒ. Ը. 269), թէպէտ 1773 նոյեմբերի վերջին օրէն Զաքարիա պաշտօնին գլուխն անցած էր: Ըստ այսմ ճիշդ չ՚ըլլար ըսել, թէ պաշտօնին համար դիմում եղաւ կաթողիկոսին, եւ միայն իբրեւ եկն հրամանն հաճոյական վեհապետին, ապա Զաքարիա հաճեալ ընկալաւ եւ եղեւ պատրիարք ( ԴԻՒ. Ժ. 216): Զաքարիա Կաղզուանցի պատրիարքութեան մտնելու օրը 1773 նոյեմբեր 28 ուրբաթ օր չի կրնար ըսուիլ (01. ՕՐԱ. 151), զի 28-ը հինգշաբթի է. ուստի աւելի ճիշդ է նոյեմբեր 29 յաւուրն ուրբաթու գրուածը ( ՍՐԳ. ): Միայն թէ Կաղզուանցիին եղբօրորդին ու կենսագիրը, ի յելն նոյեմբերի ի տօնի Առաջին Լուսաւորչացն կը դնէ ( ԴԻՒ. Ժ. 216), որ է ըսել նոյեմբեր 30, շաբաթ օր: Իրարու մօտ, բայց տարբեր թուականները կրնանք համաձայնեցնել, 28-ին դնելով վերջնական համաձայնութիւնը եւ Պասմաճեանի մեկնիլը, 29-ին մեծաւ ժողովիւք յեկեղեցին սրբոյ Աստուածածնին հռչակուիլը ( ՍՐԳ. ), եւ 30-ին Բարձրագոյն Դուռ ներկայանալով հաստատուիլը: Իսկ Սիմէոն միայն 1774 փետրուար 5-ին ստացած է Կ. Պոլսոյ մեծամեծաց յունուար 4-ին գրած գիրը ( ԴԻՒ. Դ. 754), եւ ինքն ալ ապրիլ 5-ին կոնդակ մը կը գրէ Զաքարիայի պատրիարքութեան մասին ( ԴԻՒ. Դ. 758): Սակայն այդ պարզ օրհնութեան կոնդակ մը կը սեպուի, քանի որ կոնդակին հասնելուն արդէն վեց ամիսէ աւելի եղած կ՚ըլլայ Զաքարիայի պաշտօնավարելը: Հետաքրքրական են պատրիարքական պաշտօնավարութեան համար կոնդակին մէջ նշանակուած վեց կանոնները: 1. Հայաստանեայց եկեղեցւոյ աւանդութեանց համեմատ հովուէ: 2. Յոչխարամորթ գայլոց եւ ի մէնջ հեռացեալ ապականչածն կրօնի` ժողովուրդը զգուշացնէ: 3. Խորհրդակցութեամբ հաւատարիմ եւ խորհրդական իշխանաց գործէ: 4. Զպատիւ արժանաւորացն տայ, իսկ զբանսարկուսն եւ զխռովարարսն խստէ, եւ դատէ եթէ խրատով չուղղուին: 5. Առաջնորդ կարգէ այնպիսիներ` որք փորձեալք իցեն ի հաւատս եւ ի կրօնս: 6. Մայր աթոռին ստորադրեցեալ եւ հրամանակատար եւ հնազանդ մնայ ( ԴԻՒ. Դ. 753):

2120. ՀՌՈՄԷԱԿԱՆ ԿՂԵՐ

Զաքարիայի պատրիարքութեան առաջին տարիներէն նշանաւոր եղելութիւններ չեն պատմեր յիշատակագիրներ, եւ նոյնիսկ իր գովաբան եղբօրորդին` Կաղզուանցի Պօղոս քահանան, իր պատմագրութեան մէջ մեզի այդ մասին նիւթեր չի մատակարարեր, եւ բոլոր գրածները աւելի ետքը կաթոլիկամիտներու դէմ մղուած պայքարին վրայ կը կեդրոնացնէ: Սակայն մենք կը դիտենք, որ այդ միջոցին սկսան Զաքարիայի անունին ամենէն աւելի պատիւ բերող ձեռնարկները, նպատակ ունենալով ազգին մէջ զարթուցանել ուսումնական զարգացումը, եւ հայ դաստիարակութիւն մը կազմել, անկախաբար հռոմէադաւանութեան ազդեցութենէն: Հռոմէական շարժումը ուսումնական զարգացման քօղին ներքեւ հետզհետէ իր գետինը կ՚ընդարձակէր, եւ այդ հրապուրիչ առաւելութեան շնորհիւ ազգին մէջ համակրութեան առարկայ կը դառնար: Ստոյգ է որ հռոմէական երկիրներու շփումը, Արեւելքին մէջ պատրաստուող եկեղեցականներէն աւելի բանգէտ խումբ մը կ՚արտադրէր, որուն կարողութիւնը` եթէ չափազանց բարձրացնել ալ չուզենք, տակաւին համեմատաբար շատ առաւելութիւններ ունէր, մանաւանդ օտար լեզուներու հմտութեամբ, օտար գիրքերու ծանօթութեամբ, եւ դասական նիւթերու ձեւաբանութեամբ: Այս խումբը կազմող եկեղեցականներէն լաւ թիւ մը Հռոմի մէջ հիմնուած Ծաւալոցի կամ Վասն-Տարածման-Հաւատոյ (De Propaganda Fide) դպրոցէն կ՚ելլէր, եւ դպրոցի իտալերէն անունէն (Collegio), Գօլէճցիք կամ Գօլէճեանք, եւ Փրօփականտայի կամ Ծաւալոցի աշակերտներ կը կոչէին: Խումբ մըն ալ Վենետիկ կ՚արտադրէր իր միաբաններով, որոնք հայագիտութեան մէջ աւելի զօրաւոր էին, մինչ Գօլէճեանք շատ տկար էին այդ մասին, եւ միայն օտարագիտութեամբ կը ճոխանային: Լիբանան հաստատուող Անտոնեան միաբանութիւնն ալ եւ անուանեալ կաթողիկոսարանն ալ աշակերտներ կը հասցնէին, եւ Թրիէստի ճիւղն ալ իր առաջին կազմակերպութեան արդիւնքները կ՚ընծայէր: Ասոնց գործակից էին Արեւելք հաստատուած բուն Լատին քարոզիչներ, որոնց մէջ քիչ ու շատ տեղական լեզուներու հմուտներ կը գտնուէին: Հայն ի բնէ զարգացման անյագ տենչացող, ուսման եւ գիտութեան հրապոյրին առջեւ դիւրաւ կը տկարանար, եւ ինչով որ օտարադաւանութեան աշակերտող Հայ եկեղեցականներ շահուած էին, նոյնով իրենց համազգիներն ալ շահելու դիւրութիւնը կը գտնէին:

2121. ԶԱՔԱՐԻԱՅԻ ՋԱՆՔԵՐ

Հաւասար զէնքերով պայքարելու համար, պէտք էր որ նոյնչափ եւ աւելի ալ ուսումնական դիւրութիւններ ունենալ եւ արդիւնքներ արտադրել, բայց այդ մասին երկու դժուարութիւններ կային, որոնց դէմ պէտք էր մեծ ճիգեր թափէին ուղղափառ հայադաւաններ: Մէկ մը որ Արեւելք ինքնիրմէ միջոցներ չէր ընձեռեր, միւսը որ Արեւմուտք առանց կրօնական զոհողութեան իր ունեցածը չէր հաղորդեր: Մեծ բարոյական կորովի, տոկուն ուղղամիտ կամքի, եւ զօրաւոր ու սրտոտ հոգիի պէտք կար` այդ պարագաներուն ներքեւ գործելու: Ճշմարիտ ազգասիրութեամբ տոգորեալ անձեր պէտք էին, որպիսի եղած էր արդէն Վարդան Բաղիշեցին, ներքին գաւառներու խորերուն մէջ: Անոր գործին արդիւնաւոր զարկ տուեր էին Կոլոտն ու Նալեանը մայրաքաղաքին մէջ, բայց պահ մը թուլցեր էին այդ աշխատանքները` Նալեանի հիւանդութեան եւ տկարութեան պատճառով, որուն վրայ եկեր էր Պասմաճեանի յուզուած միջոցը: Զաքարիա եղաւ, որ գործին նոր շարժում մը ազդեց: Նա հոգեւին իր եկեղեցւոյն յարած, եւ անոր նախանձայոյզ պաշտպանն եղած, զգաց թէ Հայ եկեղեցւոյ հակառակորդներուն դէմ մրցելու զօրաւորագոյն միջոցը դաստիարակութեան եւ զարգացման ջանքն է, ուստի անձամբ նուիրուեցաւ այդ աշխատութեան, եւ հազիւ Կ. Պոլիս մտաւ 1768-ին, իր պաշտօնը մայրաքաղաքին մէջ ամփոփուած ըլլալով, կատարեալ դաստիարակի եւ ուսուցչի դերը ստանձնեց, եւ Նալեանի օրէն զկնի անցելոց ամաց բազմաց` նորոգեցին Մայր եկեղեցւոյ կից եղող հին դպրանոցը, եւ ինքն ալ անոր մէջ ուսուցչի դերն ստանձնեց, եւ Նալեանի անձն ու գործը վերակենդանացուց: Ժամանակակիցք այդ երկուքին նայած են իբր յերկուս հոգելից վարժապետս մայր-դպրատան, ինչպէս կոչուած եւ ընդունուած են Յակոբ արհիապանծ եպիսկոպոսն եւ Զաքարիա արհիապսակ արքեպիսկոպոսն ( ՏԱՇ. 118): Զաքարիա աւելի ձեռնհասութեամբ եւ աւելի հեղինակութեամբ ընդարձակեց եւ զարգացուց իր ձեռնարկը` երբ պատրիարքական իշխանութեան բարձրացաւ, այնպէս որ իր տապանագիրին մէջ ալ արձանագրուած է` թէ ջանայր զուսումն ճոխել ազգիս, եւ թէ եղեւ ուղիղ մտօք դաստիարակ: Զաքարիայի այդ աշխատութեանց արդիւնք են իր նշանաւոր աշակերտները` զորս հասոյց, զեօթնեակ եպիսկոպոս եւ չորեսին վարդապետ, որոնք են Յակոբոս, Բարթողիմէոս, Յովհաննէս, Յակոբ, Անդրէաս, Պօղոս ու Պետրոս եպիսկոպոսները, եւ Թովմաս, Թադէոս, Կարապետ եւ Աստուածատուր վարդապետներ: Բաց աստի ճոխացոյց շատ դպրատունս, յորս հաստատեաց վարժապետս, եւ իսկապէս թաղային վարժարաններու հիմնադիրն եղաւ, զի անկէ առաջ ուսուցչութիւնն ալ իբրեւ խանութպանութիւն կը կատարուէր: Պատուելիներ կամ վարժապետներ շուկային կամ խանի մը մէջ սենեակ վարձելով յաճախորդներու կարդալ ու գրել, լեզու ու հմտութիւն կը սորվեցնէին: Զաքարիայի հիմնած թաղական վարժարաններուն անդրանիկը կը նկատուի Գումքաբու թաղի Ֆըչըճը փողոցին մէջ բացուածը` Շնորհք ամիրայի առատաձեռնութեամբ, անկէ ետքը կը յիշուին Պալաթ, Բերա, Սամաթիա, Օրթաքէօյ, Գուրուչէշմէ եւ Իւսկիւտար թաղերու մէջ հետզհետէ բացուածները, որոնց մէջ պաշտօնավարողներ մանկավարժ անունով կը սիրէին կոչուիլ: Այդ դասակարգին առաջիններէն յիշենք` Սարգիս Յովհաննէսեան, Մատթէոս Պալաթցի, Թագւոր Ասլանեան, Խաչատուր Պատուելի, Մարտիրոս Սարկաւագ վարժապետները (01. ՕՐԱ. 159), գոնէ անուննին ապագային յարգանաց պահելու համար: Վասնզի Զաքարիայով սկսած շարժումն է, որ այլեւս չկասեցաւ, եւ օրէօր յառաջանալով մեր ներկայ յառաջադիմութեան սկզբնաւորութիւնն եղաւ: Զաքարիա Կաղզուանցին իրաւամբ պիտի հռչակուի, իբր ԺԹ. դարուն ազգային զարգացման մէջ առաջին վաստակաւորն ու երախտաւորը: Այս տեսութեամբ էր որ Զաքարիայի պատրիարքութեան առաջին տարիները իրեն անունին ամենէն աւելի պատիւ բերող միջոցն ըսինք 2120):

2122. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՏՊԱՐԱՆ

Մայրաթոռէ դուրս կատարուած ազգային անցքերը որչափ հնար է ամփոփ կերպով քաղելէ ետքը, պէտք է նորէն Մայրաթոռ դառնանք, ուր Սիմէոն կաթողիկոս կը շարունակէր իր տենդոտ գործունէութիւնը, ամէն բանի համար կարգուսարք հաստատելու, եւ նորանոր բարեկարգութիւններ աւելցնելու համար: Այս նիւթերուն պարտ ու պատշաճ բացատրութիւնը կը ստիպէ մեզ ամենայն խստութեամբ ժամանակագրութեան չհետեւիլ, այլ նիւթերը իրենց նախընթաց եւ հետեւորդ պարագաներով դիւրըմբռնելի դարձնել: Այս պատճառով տակաւին չխօսեցանք Մայրաթոռի մէջ բացուած տպարանի մասին: Էջմիածինի գահակալներ քանի քանի անգամներ թէ նախաձեռնարկ եւ թէ օժանդակող եղան տպարանական հաստատութեանց, իբրեւ ազգային բարեկարգական եւ բարեգործական ձեռնարկ մը, ինչպէս ընդհանրապէս նկատուած էին տպարանները անցեալին մէջ. մինչ այժմ գրեթէ հասարակ խանութի կարգ անցած են: Էջմիածինի դիրքը չէր ընծայեր այն դիւրութիւնները որոնք տպարանի մը համար անհրաժեշտ էին, ուստի կաթողիկոսներ ստիպուած էին տպարանները Արեւմուտքի քաղաքներու` Ամսդելոտամի, Մարսիլիայի, Վենետիկի, Լիվօռնոյի, եւ նոյնիսկ Արեւելքի քաղաքներէն` Կ. Պոլիսի եւ Ասպահանի մէջ բանալ տալ, եւ ոչ Վաղարշապատի: Եթէ բացուած տպարանները Ս. Էջմիածնի տպարան ալ անուանեցին, սակայն Էջմիածինի Մայրաթոռին մէջ տպարան գոյութիւն չունեցաւ մինչեւ Սիմէոնի ժամանակը: Այդ փափաքը Սիմէոնի միտքը կաթողիկոսանալէն ետքը չծագեցաւ, եւ ոչ ալ իբր հայրապետական մեծագործութեան նշանակ եղաւ. որովհետեւ նա այդ միտքը յղացած էր, երբ կաթողիկոսանալէն 20 տարի առաջ, տակաւին սարկաւագ Հնդկաստանի նուիրակութիւնը կը կատարէր 2070): Այդ միտքը յաջողեր էր ներշնչել` Մատրաս բնակող Ջուղայեցի մեծահարուստ վաճառականներէն Գրիգոր Միքայէլեան Խօջաջան Չաքիկեանցի` աւելի ծանօթ Չաքիկենց մականուամբ ( ԴԻՒ. Գ. ճկ. ), որ յանձն առեր էր պէտք եղած ծախքերը հոգալ, իբր իր անձին եւ իր գերդաստանին յիշատակ. բայց չենք գիտեր թէ ինչու Սիմէոնի վարդապետութեան եւ եպիսկոպոսութեան ատեն նպատակը իրականացնելու ձեռնարկներ չեղան: Հաւանաբար Չաքիկեան իր վստահութիւնը անձնապէս Սիմէոնի վրայ դրած էր, իսկ Սիմէոն գրեթէ շարունակաբար Մայրաթոռէ դուրս կը գտնուէր: Եթէ արտաքին պարագաներ Սիմէոնը արգելեցին իր հնօրեայ փափաքը կատարել, սակայն միտքը չփոխուեցաւ, եւ կաթողիկոսական աթոռ բարձրանալէն ետքը առաջին գործերէն մին եղաւ տպարանի պէտք եղող տառեր ու գործիքներ ճարել, սակայն պատեհ առիթներ պէտք էին փնտռածը գտնելու:

2123. ՍԻՄԷՈՆԻ ՋԱՆՔԵՐ

Սիմէոն լուր առաւ թէ Առաքել Պօղոսեան Ջուղայեցի մը Ամսդերտամի մէջ Յովհաննէս-Միքայէլ Ֆլայշման (Flaischmann) փորագրիչին ձեռքով ( ՏՊԱ. 178), հայերէն տառեր պատրաստել տուած է, բայց զտպագրատուն հաստատել ոչ կարէր վասն գործաւորաց պակասութեան: Ուստի 1765 մարտ 4-ին կը գրէր Զմիւռնիոյ նուիրակ եւ առաջնորդ Ղուկաս Կեղեցի կամ Կարնեցի վարդապետին, որ անոնք գնով առեալ յղեսցէ ի սուրբ Աթոռս ( ԴԻՒ. Գ. 149): Քիչ ետքը լսուեցաւ որ Մարկոս տպագրիչ մը Զմիւռնիոյ մէջ տպարան է բացած, ուստի Ամսդերտամէ լուր չհասնելուն վրայ, Սիմէոն 1765 դեկտեմբեր 6-ին գրեց նոյն Ղուկաս վարդապետի` որ կամ Մարկոսի տառերը գնէ, եւ կամ տպագրիչն ալ միասին Էջմիածին փոխադրէ ( ԴԻՒ. Գ. 431): Սարգիս Սարաֆեան եպիսկոպոս ալ Վենետիկի մէջ պատրաստել տուած տառերը Կ. Պոլիս փոխադրած էր, Սիմէոն անոր ալ գրեց 1766-ին, եւ խնդրեաց տալ զտպագրական գիրն սրբոյ Աթոռոյն, կամ գնով, կամ ի յիշատակ հոգւոյն իւրոյ ( ԴԻՒ. Գ. 551): Միեւնոյն ատեն չէր խզած թէ Առաքելի եւ թէ Մարկոսի հետ սկսուած բանակցութիւնները ( ԴԻՒ. Գ. 552): Սակայն ասոնցմէ եւ ոչ մէկը յաջողեցաւ: Առաքելի գիրերուն վաճառման Ամսդերտամցի Հայեր արգելք դրին, կասկածելով թէ մի գուցէ Սիմէոն եկեղեցին եւ կալուածներն ալ վաճառելով բոլորովին իրենց գաղութը խափանէ ( ՏՊԱ. 185): Մարկոս տպագրիչ չուզեց իր սկսած եւ յառաջացուցած գործը խախտել: Իսկ Սարգիս Սիմէոնի հետ բանակցութիւնները չվերջացած` տառերը վաճառեց Գէորգ Կեսարացի դպիրին, որ Կ. Պոլսոյ Վէզիրխանի մէջ տպարան բացաւ, եւ քիչ օր ետքը 1766 մայիս 11-ի երկրաշարժին օրը` խանի փլատակին ներքեւ մեռաւ ( ԳԱԼ. 250): Բայց Սիմէոն իր նպատակէն ետ չկեցաւ. չենք կարող ըսել թէ տեղէ մը կրցած ըլլայ պատրաստ տառեր ճարել, զի նորաքանդակ գիրերու խօսք կ՚ընէ ( ԴԻՒ. Գ. ճկգ. ), ուսկից կը հետեւի թէ նորէն փորագրել եւ ձուլել տալ յաջողած է: Տօնացոյցի յիշատակարանին մէջ ալ կը յիշուին Յարութիւն Էջմիածնեցի փորագրող եւ քանդակող, եւ Մկրտիչ Շոռոթեցի եպիսկոպոս, որ նախկին հեղինակ եղեւ առ փորագրութիւնն ի պողովատեայս ( ՍԻՄ. 562): Ըստ այսմ տպարանը կը բացուի 1771-ին, ինչպէս կը վկայէ Չաքիկեանց Գրիգորի եւ ընտանիքին յիշատակին ձօնուած արձանագիրը, թէ անոր արդեամբ` հաստատեցաւ տպագրատունս ամենայն պարագայիւք ( ԴԻՒ. Գ. ճկ ): Բայց 1771 թուականը տպարանական արտադրութեանց ալ բուն թուականը չ՚երեւիր: Գիրքի մը պէտք եղած առարկաներուն Էջմիածին բերուիլը ամենադժուարին գործերէն մէկն էր, նկատի առնելով երթեւեկի արգելքները, քաղաքական շփոթները եւ տեղւոյն հեռաւորութիւնը, եւ 1772-ին կրնայ նշանակուիլ Զբօսարան հոգեւոր գրքուկին հրատարակութիւնը, եւ 1773-ին Տաղարան տետրին տպագրութիւնը, որոնք Էջմիածինի տպարանին նախընծայ արդիւնքներ կը նկատուին: Իսկ ինքն Սիմէոն կը յիշէ նախապէս զքանի հատ Սաղմոս, եւ երկրորդապէս զփոքրիկ գիրքն աղօթից, որոց երրորդապէս կը յաջորդէ Տօնացոյցը ( ՍԻՄ. 554): Գործին արգելքներէն մին ալ թուղթ ճարելն էր, եւ Սիմէոն 1771-էն Չաքիկեան բարերարին հետ կը թղթակցէր, տպարանին մօտ թղթագործարան մըն ալ հաստատելու համար: Արհեստին հմուտ գործապետներ գտնելու ջանքն ալ բաւական ատեն խլեց: Պարսկաստանէ եկողներ գոհացուցիչ եղան, Չաքիկեան Փարիզէ եկած թղթաշէն վարպետ` Բէյսօն եւ Տէսիօռ Գաղղիացիներու հետ պայմանաւորուեցաւ, որոնք Կ. Պոլիսէ Էջմիածին եկան, բայց կարծես թէ միտք ունէին որ փողերը ստանան ու փախչին, մինչեւ որ Սիմէոն պատրաստուեցաւ փալախայի եւ սառնատունի սպառնալեօք զանոնք գործի ստիպել ( ԴԻՒ. Գ. ճկդ. ), եւ թղթագործութիւնը արդիւնաւորեցաւ 1776-ին` հսկողութեամբ Իսահակ Գեղամացի եպիսկոպոսին, որ է նոյնինքն Գեղամացի դպիրը 2075), եւ երախայրիքը նուէր յղուեցաւ բարերարին ( ԴԻՒ. Գ. ճկէ. ): Շինուած թուղթին վրայ ջրանկար փակագիրներ կային, Ս. Կ., եւ Գ. Մ. որոնք Սիմէոն կաթողիկոսի եւ Գրիգոր Միքայէլեան Չաքիկեանի անունները կ՚արտայայտէին ( ԴԻՒ. Գ. ճկգ. ):

2124. ՏՕՆԱՑՈՅՑԻ ԽՆԴԻՐ

Էջմիածինի տպարանէն ելած, Զբօսարան եւ Տաղարան մանր արտադրութիւնները, շատ ընտիր գործ մը եղած պիտի չ՚ըլլան, որ դիտմամբ մէջտեղէն վերցուած, եւ 1777-ին նորէն տպուած են ( ՏՊԱ. 119): Իսկ իբր առաջնապտուղ կարեւոր գործ նկատուած է Տօնացոյցը, որ 1774-ին սկսած է տպագրուիլ ( ՍԻՄ. 1), եւ աւարտած 1775 ապրիլ 7-ին ( ՍԻՄ. 561): Վերջաբանին մէջ ըսուած է թէ, ահա հինգ ամ է յորս աշխատիմք եւ տքնիմք, զի զարհեստս այս ի ձեռն բերցուք, եւ Տօնացոյցին տպագրութիւնը նախընթացներէն հասուն եւ կատարեալ կը կոչուի ( ՍԻՄ. 554): Սակայն Սիմէոնի տօնացոյցը տպագրութենէն աւելի, իր կազմութեամբը յատուկ մտադրութեան առարկայ մըն է: Յայտնի է թէ Հայ եկեղեցւոյ տօնակատարութեանց կարգը եօթնեկական գրութեան վրայ հիմնուած է, որով ամէն տարի միեւնոյն ամսաթիւին նոյն տօնը չի հանդիպիր, ինչպէս ուրիշ եկեղեցիներու սովորութիւնն է: Զատիկի տօնին եւ անոր յարակից Մեծպահոց եւ Յինանց միջոցներուն շարժականութիւնն ալ յատուկ պահանջներ կը ստեղծէ: Այդ ընդհանուր շարժականութիւնը անհրաժեշտ կ՚ընէր, որ իւրաքանչիւր տարւոյ համար տօներու մասնաւոր դասաւորութիւն մը կազմուէր, սակայն այս ընելու համար հաստատուն ձեւը կը պակսէր, եւ վիճակներ կրնային իրարմէ տարբեր դասաւորութիւններ կազմել, գուցէ քաղաք քաղաքէ ալ կը տարբերէր նոյն վիճակին մէջ, մանաւանդ որ դասաւորելու պէտք եղած հմտութիւնն ալ ամէնքը հաւասարապէս չունէին: Սիմէոն ինքն ալ կը դիտէ, թէ ոմանք զայս տօն յայս ինչ օր տօնեն, եւ ոմանք յայլ օր, ոմանք զայս ինչ տօն` միայն առնեն եւ կամ ընդ այլում, եւ ոմանք զնոյնս ընդ այլում եւ կամ միայն ( ՍԻՄ. 7): Ասիկա շփոթութեանց մեծ պատճառ մըն էր, եւ անոր դարման եղող որեւէ ձեռնարկ հարկաւ լաւ ընդունելութիւն պիտի գտնէր: Ըստ այսմ երբոր Վենետիկի Մխիթարեաններէն հայր Յակոբոս Չամչեան 1757-ին Լուսնացոյց, իսկ 1758-էն սկսելով Օրացոյց անունով տարեկան տետրիկներ սկսաւ հրատարակել, իւրաքանչիւր տարւոյ ամսաթիւերը, լուսնի օրերը եւ տօներու դասաւորութիւնը պարունակող, ազգին մէջ մեծ ընդունելութիւն գտաւ, եւ նոյնիսկ եկեղեցական տօնակատարութեանց ալ առաջնորդ դարձաւ: Բայց քանի որ հռոմէադաւաններու հրատարակութիւն մըն էր, անոր մէջ կը պարունակէին ոչ միայն Լատին եկեղեցւոյ պատկանող տօներ, այլեւ Հայ տօնակատարութեանց մէջ մուծուած լատինամիտ փոփոխութիւններ, որոնցմէ յանզգաստս կը գայթակղէին հայադաւան հաւատացեալներ եւ պաշտօնեաներ ալ, եւ տեղի կը տրուէր անտեղութեանց` եւ Հայ ծիսակատարութեան հակառակ պատահարներու: Առ այս կ՚ակնարկէ Սիմէոն իր տօնացոյցին յառաջաբանին մէջ, Վենետիկի օրացոյցը` Թունացոյց կամ Թունարան կոչելով ( ՍԻՄ. 15): Սիմէոն կանուխէն ալ մտադրութիւն դարձուցած էր այդ եղելութեան, եւ անոր դարմանը հոգալու համար, 1761-ին Կ. Պոլիս նուիրակ գտնուած ատեն` Տարեկան օրացոյց մը տպագրել տուած էր, որուն մէջ կ՚ըսէր թէ պատրաստ ունի եւ զմայր տօնացոյց մի յօրինեցեալ ի վերայ երեսուն եւ վեց գրոց, այսինքն տարեգրոց ( ՄՏՆ. 722), սակայն ոչ այս մայր տօնացոյցը եւ ոչ յաջորդ տարիներու համար օրացոյցներ չերեւցան: Քիչ ետքը 1763-ին Սիմէոն կաթողիկոսացաւ միշտ միտքին մէջ ունենալով տօնացոյցի եւ տօնակատարութեանց գործը, որուն յաջողութեան անհրաժեշտ էր տպագրական հրատարակութիւնը, իսկ Էջմիածինի մէջ տպարան ունենալու ձեռնարկն ալ հազիւ կաթողիկոսութենէն տասը տարի ետքը կրցաւ ամբողջանալ եւ կատարելագործուիլ 1774-ին:

2125. ՍԻՄԷՈՆԵԱՆ ՏՕՆԱՑՈՅՑ

Այդ տասը տարիներու մէջ աշխատեցաւ անշուշտ Սիմէոն` տօնացոյցի մասին յղացած միտքերը գործադրել, եւ հետզհետէ իր աշխատութիւնը լրացնել եւ յղկել, եւ հասցնել այն վիճակին` որուն մէջ մամուլի յանձնուեցաւ 1774-ին: Այդ աշխատութիւնը երկու մասի կամ երկու հատորներու կը բաժնուի, որոնց երկրորդը տարեկան դասաւորութեանց ամէն պատահականութիւնները կու տայ, այսինքն 36 տարեգիրներու վրայ` նոյնչափ տեսակ փոփոխութիւնները կը ցուցնէ, որոնք ծագում կ՚առնեն զատկի տօնին մարտ 22-էն մինչեւ ապրիլ 25 տարբերելէն: Իսկ նահանջ տարիներ կը դասաւորուին փետրուարի 28-էն ետքը նախընթաց տարեգիրին անցնելով, որով փետրուար 28-ի կրկնութիւնը փետրուար 29 կը դառնայ, եւ անոր վրայ կը քալեն տարւոյն մնացած տասը ամիսները: Սիմէոնի աշխատութեան այս մասը յոյժ գնահատելի եւ օգտակար գործ մըն է, որով կանուխէն ապահովուած է իւրաքանչիւր տարւոյ դասաւորութիւնը, եւ բոլոր Հայ եկեղեցիներ ուր ուրեք գտնուին աշխարհի որեւէ կողմը, կրնան միեւնոյն կերպով իրենց տօնակատարութիւնները ընել: Ուր որ Սիմէոնի տօնացոյցը տարբեր կերպարան կը զգենու առաջին մասն է, այսինքն բուն տօնացոյցն է, որուն մէջ ուզած է նորութիւններ մուծանել, թէ ինչ ինչ տօներ տեղափոխելով, եւ թէ ծիսական կամ տօնական պատշաճները այլայլելով: Տօներու տեղափոխութենէն արդէն քանի մը հատը յիշեցինք, զորս յատուկ կոնդակով հրամայուած էր, Բարթողիմէոսի եւ Յուդայի տօնը` Թադէոսի եւ Բարթողիմէոսի տօնի վերածելով, եւ տօնը Յիսնակաց առջի շաբաթ օրուան տանելով, պահանջուած տեղափոխութիւններով մէկտեղ 2102): Բայց այդչափով չ՚աւարտեցան Սիմէոնի փոփոխութիւնները: Ազգասիրական նախանձայուզութեամբ` ուզեց ազգային տօները նախապատուել շաբաթ օրերու փոխադրելով, որոնք ի լուր աւուրս եւ ի պահս եդեալք էին, եւ առանց հանդիսաւորութեան կը տօնուէին, զոր Սիմէոն յառաջ եկած կը կարծէ յանփորձութենէ եւ կամ ի թուլութենէ եւ ի զանցառութենէ մերայնոց ( ՍԻՄ. 9): Ըստ այսմ Ներսէսի եւ Խադայ տօնը Հոգեգալստեան չորրորդ երկուշաբթիէն երկրորդ շաբաթին բերաւ: Տրդատայ եւ Աշխէնի եւ Խոսրովիդխտոյ տօնը` Հոգեգալստեան հինգերորդ երկուշաբթիէն չորրորդ շաբաթին փոխադրեց, Որդւոց եւ Թոռանց տօնը` Հոգեգալստեան հինգերորդ երեքշաբթիէն Վարդավառի երկրորդ շաբաթին տարաւ, Մեսրոպի եւ Թարգմանչաց տօնը` Վերափոխման չորրորդ երկուշաբթիէն Խաչին չորրորդ շաբաթին փոխադրեց: Եւ Աբգարի տօնը Ադդէէն զատեց, եւ Յիսնակաց չորրորդ հինգշաբթիէն հանելով շաբաթին դրաւ: Այդ փոխադրութիւնները ստիպեցին ուրիշներ ալ ընել պարպուած օրերը լեցնելու, եւ տարուած օրերուն մէջ եղողները տեղաւորելու համար: Աստուածածնայ Տուփին եւ Գօտիին յիշատակները, որոնք կամաւոր էին եւ չէին տօնուեր, հաստատուն կերպով զետեղեց Հոգեգալստեան հինգերորդ եւ Վերափոխման երրորդ կիրակիներուն: Յովհաննէս Օձնեցի, Յովհաննէս Որոտնեցի, եւ Գրիգոր Տաթեւացի վարդապետները Մեծպահոց երրորդ շաբաթ օրը տօնել հրամայեց, մինչ Աղեքսանդր Աղեքսանդրացին եւ Գրիգոր Ակրականդացին տօնացոյցէն հանեց: Ըսողներ կան` թէ Յովհաննէս Օձնեցին կանուխէն ալ տօնուած էր, եւ թէ Սիմէոն` այդ առթիւ Մովսէս Տաթեւացին ալ տօնացոյցին անցուց ( ՊԷՐ. 1), սակայն մենք այդ կէտերը ստուգող փաստ չենք գտած:

2126. ԾԻՍԱԿԱՆ ՊԱՏՇԱՃՆԵՐ

Ծիսական եւ տօնական պատշաճներու գալով, Սիմէոնի գլխաւոր կարգադրութիւնը` կիրակէ պահելու աւուրց ցուցակ մը կազմելն է ( ՍԻՄ. 321): Կանխեցինք ըսել 2101) եւ կը կրկնենք, թէ մանրազնին հետազօտութիւնք կը ցուցնեն թէ Հայոց եկեղեցին խորշած է բնական կիրակիներէ դուրս շաբթուան օրերուն մէջ կիրակէ կամ հրամայեալ տօն հաստատել: Ասոր հետեւանքներն են տէրունի տօները` կիրակիի փոխադրելը, եւ մեծ սրբոց յիշատակները շաբաթ կատարելով կիրակիին տօնախմբելը, ինչպէս որ ցարդ եւս, օրինակ իմն, Ս. Լուսաւորչի կամ Ս. Գէորգի կամ Ս. Յակոբի անունին նուիրուած եկեղեցիներ` կիրակի կը կատարեն իրենց տօնախմբութիւնները: Աստուածայայտնութեան տօնին իսկ որոշ ամսաթուով կատարուիլը` հնաւանդ չ՚երեւիր, եւ տօնական պատշաճները կը ցուցնեն, թէ կիրակիի յարմարութեամբ կազմուած են: Հին տօնացոյցներ Տեառնընդառաջին, Աւետումին եւ Աստուածածնայ ծննդեան տօներուն կիրակիի փոխադրուելուն յիշատակներ կը պարունակեն: Համբարձումին ալ հինգշաբթիի հին պատշաճը շատ թեթեւ է, նախատօնակ չունի, եւ անդաստանը վերջամուտ է, եւ Երկրորդ Ծաղկազարդի կիրակին, իսկապէս Համբարձման տօնախմբութիւն է: Ծէսերու վրայ խօսած ատեննիս, մեր պատմական շրջանակին մէջ այսչափը բաւական կը սեպենք: Կ՚երեւի թէ Սիմէոն` հայկական հին սովորոյթը միւս եկեղեցեաց առջեւ ստորնութիւն կարծելով, Հայոց համար ալ շաբթուան մէջ կիրակէանալու օրեր կազմեց, ինչ որ իրմէ առաջ բնաւ տեղ մը հրամայուած չենք տեսներ: Արդէն տօնացոյցի հրատարակութենէն առաջ` Լուսաւորիչներու պատուոյն տարեկան հինգ օրեր կիրակէանալու կոնդակ յղած էր ընդհանուր Հայութեան 2101): Նոր Տօնացոյցին մէջ աւելցուց հինգ տաղաւարներուն, Ծնունդի, Զատիկի, Վարդավառի, Աստուածածնի եւ Խաչի երկրորդ օրերը, եւ Զատկի նաեւ երրորդ օրը, եւ Ծնունդի ութերորդ օրը, Տեառնընդառաջի եւ Համբարձումի եւ Աւագ հինգշաբթիի, եւ Աստուածածնայ Աւետումի, Ծնունդի, Ընծայման եւ Յղութեան օրերը, եւս Հրեշտակապետաց եւ Ամենայն-Սրբոց տօները ( ՍԻՄ. 321): Աւելորդ չ՚ըլլայ դիտել, թէ Աւագ հինգշաբթին ու Զատիկի երրորդ օրը ու Աստուածածնայ ընծայումը ուրիշ եկեղեցիներէ ալ իբր կիրակէանալու տօն ընդունուած չէ: Այսպէս Սիմէոնին կարգադրութեամբ տարին 21 կիրակէանալու օրեր մուծուեցան Հայ տօնակատարութեանց մէջ: Տօնական պատշաճներու մէջ ալ Սիմէոն ինչ ինչ փոփոխութիւններ ներմուծեց, որոնց մէջ իբր կարեւորագոյն պիտի յիշենք Մեծպահոց կիրակիներուն մէջ Յարութեան յիշատակութիւնը ջնջելը, եւ իբր Յարութեան ակնկալութիւն ձեւ մը տալը, Իւղաբերից աւետարանէն զեղչելով Յարութեան կտորը եւ միայն Թաղման կտորը թողլով, Զուարճացեալքս քարոզը վերցնելով կամ կիսելով, Նորաստեղծեալ երգը միայն առջի երկու տուներու վերածելով` որոնց մէջ Յարութիւն չի յիշուիր, եւ Սուրբ Աստուած սրբաբանութենէն ալ Որ յարեար մասը արգիլելով, եւ Որ խաչեցար ըսել հրամայելով: Յիշենք եւս Ստեփանոսի տօնին յատուկ Այսօր դասք երգը, չորս Աւագ տօներուն եւ Լուսաւորիչներու հինգ տօներուն տարածելը:

2127. ԱՅԴ ՄԱՍԻՆ ԴԻՏՈՂՈՒԹԻՒՆ

Սիմէոնի կարգադրութեանց մասին խիստ դիտողութիւններ եղան ժամանակին, մինչեւ իսկ յայտարարուեցաւ թէ Գրիգոր Վկայասէր բանադրանս յաւելեալ ի վերայ` հրամայած ըլլայ, որ մի' իշխեսցէ այլ ոք` օտար ինչ մուծանել իրմէ հաստատուած տօնացոյցին վրայ, որով իբր թէ Սիմէոն այդ վճիռին անսաստած ըլլայ ( ՊԷՐ. 1): Մեր տեսութեամբ եւ իրաւական տեսակէտէն, ոչ մի' արգելք չկար որ Սիմէոն կաթողիկոս ալ ծիսական կանոն մը կարենար սահմանել, ինչպէս ըրած էին Վկայասէրէ առաջ եւ Վկայասէրէ ետքը եղող ուրիշ կաթողիկոսներ ալ: Սիմէոն իր մէջ զգացած է այդ իրաւասութիւնը, եւ առանց վարանման ուզած է զայն գործածել: Միայն խնդիր է, թէ պատեflհ էր արդեօք այդ իրաւասութիւնը գործածել, կամ թէ եղած կարգադրութիւնները պահանջուած կամ գնահատելի էիflն տիրապէս: Մենք այնպէս կը կարծենք թէ Սիմէոնի ներքին նպատակին մէջ կար, կերպով մը Հայ կաթոլիկները Հայ շրջանակէն դուրս թողուլ ծիսական տարբերութիւններով, եւ անոնց ազդեցութիւնը արգելել` անգործածական դարձնելով անոնց օրացոյցը: Վասնզի կաթոլիկներ, եւ յատկապէս Մխիթարեան եւ Անտոնեան վանքեր եւ Լիբանանի կաթողիկոսարանը, հին տօնացոյցը պահեցին եւ Սիմէոնեան փոփոխութեանց չհետեւեցան: Այդ մասին մեր տեսութեամբ` օգտակարագոյն էր թերեւս կաթոլիկները նմանութեան մէջ պահել, քան թէ հեռացնել, որպէսզի տարբեր ինքնութեամբ յատուկ գոյութեան իրաւունք չստանային, ինչ որ անոնց գլխաւոր դիտումն էր: Սրբոց տօներու տեղափոխութիւնն ալ զգալի նշանակութիւն մը չէր բերեր, եւ ազգային շաբաթին բերելով իսկական առաւելութիւն մը չէր գոյացներ, քանի որ տօնախմբութիւններ կիրակիին կը կատարուէին, որ անմիջապէս կապուած էր երկուշաբթիին հետ: Հին տօնացոյցը նոյն օր զետեղած էր յիշեալ տօներէն շատերը: Բոլոր փոփոխութեանց մէջէն տիրապէս գնահատելի կը գտնենք Առաջին Լուսաւորչաց տօնին կերպաւորութիւնը, իբրեւ շօշափելի նշանակ մը Հայ եկեղեցւոյ առաքելականութեան: Իսկ Աբգարի տրուած պատիւը` պատմական տեսակէտէն խնդիրի նիւթ է. Մուտն ի վիրապը Մեծպահքի օրով փառաւորելու յարմարութենէ զուրկ է, եւ երեք ազգային վարդապետները Մեծպահքի մէջ զետեղելը` առաւելութիւն մը չէ: Մեծ պահոց կիրակիներուն մէջ մուծուած փոփոխութիւնն ալ նշանակալից չենք գտներ, զի եկեղեցին որեւէ առիթով կիրակիներու Յարութեան յիշատակը նուազել չէ ուզած, բաւականանալով զարդերու հանդերձանքը նուազել: Չէfl որ այսօր ալ կը շարունակենք Մեծպահքի առաջին կիրակիին գոչել. Փառք յարութեան քո Տէր ( ՇԱՐ. 134), եւ վեցերորդ կիրակէին կ՚երգենք, Նորահրաշ տեսլեամբ յարութեան քո Տէր` զարհուրեցան դժոխք ( ՇԱՐ. 230): Այդ տեսութիւնները կը յայտնենք մասնաւոր պարագայից նկատմամբ, թէ ոչ ընդհանուր կերպով չենք մեղադրեր Սիմէոնի համարձակ ձեռնարկը: Մանաւանդ թէ կը փափաքինք որ նոյն հոգւով զօրացած կաթողիկոս մըն ալ ազգային տեսակէտէն զօրացնէր մեր տօնացոյցը, անոր մէջ ընդունելով նախալուսաւորչեան շրջանի առաքելաշաւիղ հայրապետները, յատուկ տօներ սահմանելով Որդւոց եւ Թոռանց եւ Թարգմանչաց իւրաքանչիւրին, եւ նոր յիշատակներ հաստատելով այն քաջարի նահատակներուն եւ նոր վկաներուն համար, զորս պատմութեանս կարգին յիշեցինք, եւ մեր իղձերն ալ համարձակօրէն յայտարարեցինք:

2128. ՏՕՆԱՑՈՅՑԻ ԿԻՐԱՌՈՒԹԻՒՆ

Երբոր Սիմէոն իր տօնացոյցին տպագրութիւնը 1775-ին աւարտեց, սկսաւ զայն ամէն կողմ ցրուել 1776 տարւոյ մէջ, եւ բարձու իշխանութեամբ սրբոյ աստուածաիջի աթոռոյս, եւ հօրն մերոյ սրբոյն Գրիգորի Լուսաւորչի աստուածահրաշ Աջոյն, եւ հրամանաւ հայրապետութեանս ( ՍԻՄ. 17), պատուիրեց բոլոր Հայ ազգին, որ ի հասանելն ի սկիզբն տարւոյ, որ ի Ծնունդն ( ՍԻՄ. 21), այսինքն 1777 տարւոյ սկիզբէն, նախապէս զթունացոյցն զայն անհետ առնել եւ խստել իսպառ, եւ երկրորդապէս զնոր տօնացոյցս զայս առձեռն բերել, եւ սովաւ վարել այսուհետեւ ( ՍԻՄ. 19): Էջմիածինի շուրջը եւ Պարսկահպատակ վիճակներու մէջ շատ դժուարութեանց չհանդիպեցաւ նոր տօնացոյցը, բայց ոչ նոյնպէս Տաճկահպատակ վիճակներու, եւ մանաւանդ մայրաքաղաքին մէջ: Ասոր գլխաւոր պատճառներէն մէկն էր կաթոլիկամիտ շարժումը որուն հետեւողներուն ծանր եկաւ Որոտնեցին եւ Տաթեւացին տօնելի սրբոց կարգը դասուած տեսնել, որ ուղղակի իրենց ընթացքին դատապարտութիւնն էր: Զաքարիա պատրիարքն ալ համակիր չէր այդ փոփոխութեանց, բայց չէ թէ կաթոլիկամիտներու տեսակէտէն, քանի որ ամէն կասկածէ վեր էր իր նախանձայոյզ հայադաւանութիւնը, այլ պարզապէս իր անձնահաճ արժանապատուութեան տեսակէտէն, քանի որ Զաքարիա կը զգար իր ուսումնական եւ անձնական առաւելութիւնները եւ Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան ազդեցիկ եւ տիրական դիրքը: Ուստի իրեն ծանր եկաւ որ Սիմէոն առանց իրեն հետ խորհրդակցելու եւ իր կարծիքն ալ առնելու, իւրովի ամէն բան լրացնելով, եւ կաթողիկոսական ճոխութեամբ հրամաններ կ՚արձակէր: Միանգամայն կրնար Զաքարիա եղած կարգադրութեանց մասին ինչ ինչ դիտողութիւններ ալ ընել, ինչպէս մենք ալ յայտնեցինք: Զաքարիա պահ մը ընդդիմանալու գաղափարն ալ ունեցած է, սակայն իր սիրտին մէջ յատուկ պատկառանք մը կը զգար Սիմէոնի հանդէպ, զոր իբր ուսուցիչ եւ իբր անվիճելի պետ մը ճանչցած էր իր առաջին տարիներէն, ուստի ակնածեալ յայնժամ ի Սիմէոնէ, չեղեւ կարող առնել զոր կամէրն ( ՊԷՐ. 2), եւ 1777 տարեգլուխէն սկսելով Սիմէոնեան տօնացոյցը Կ. Պոլսոյ մէջ ալ կիրառութեան մտաւ:

2129. ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎ

Պասմաճեանի օրերուն ներքին յուզումները ու պատրիարքարանի մեղմ ընթացքը, եւ Զաքարիայի պատրիարքութեան սկիզբները իր նախանձայուզութեան ասպարէզ չտրուիլը, մեծապէս քաջալերած էին կաթոլիկամիտները, որք այնմ ժամանակի կարի համարձակ ընդդէմ պատրիարքական իշխանութեանն գործէին ( ԴԻՒ. Ժ. 217), եւ մինչեւ իսկ սուլտանին կը դիմէին գրով, թէ պատրիարքն առանց իրաւանց պահանջէ ի մէնջ տուրս անվաւերս, եւ յոչ տալն մեր զայն` ներհակ վարի ընդ մեզ եւ նեղէ ( ԴԻՒ. Ժ. 218): Իրենց բողոքին մատնութիւն ալ խառնելով կաթոլիկամիտները կը գրէին, թէ պատրիարքն մեր Աճեմ է, եւ զժողովուրդն կողոպտեալ զգանձս կուտէ, եւ յղէ առ Աճեմիստան` ի զարթուցումն եւ ի յօգնութիւն, առ ի յարուցանել նոյն թագաւորութիւնն ի վերայ քոյին տէրութեանդ ( ՍՐԳ. ), ուստի կը խնդրէին որ պատրիարքին հրամայէ, զի մի' իսպառ նեղեսցէ զմեզ ի նոցանէ, եւ կարգեա մեզ յատուկ գլուխ ի մերոց կարգաւորաց, վասն զի կամիմք ելանել յիշխանութենէ նոցա ( ԴԻՒ. Ժ. 218): Այդ ընթացքը ամէնուն մտադրութիւնը արթնցուցած եւ զայրոյթի պատճառ եղած էր, եւ անոր առջեւը առնելու փափաքը ընդհանուր էր: Զաքարիա ինքն ալ անտարբեր չէր կրնար մնալ, բայց իւրովի ալ նախաձեռնութիւն առնել չուզելով, ազգային մեծ ժողով մը հրաւիրեց 1778 փետրուար 21-ին Մեծպահոց առաջին չորեքշաբթի օրը, եւ գումարումը տեղի ունեցաւ Մայրեկեղեցին` հանդերձ գլխաւոր եպիսկոպոսօք եւ վարդապետօք, եւ այլ մեծամեծ իշխանօք, եւ յամենայնից էսնաֆից գլխաւորօք, Ալթը Ճէմայէթ կոչեցելովք, եւ այլ բազմութեամբ հասարակ ժողովրդականօք, էլէկէլիրօք եւ բանգէտ մարդկան գումարօք ( ՍՐԳ. ), որ է այն ժամանակին սովորական ազգային ժողովի ձեւը, ուր իբր հազար հոգի մը ներկայ կը գտնուէր 2115): Զաքարիա ժողովը բանալով կացութիւնը բացատրեց, զգացուց թէ պէտք է զտարաձայնութիւնս ազգիս մերոյ բառնալ ի միջոյ, զի եղբարք եմք ամենեքին, եւ այս ոճով շարունակեց իր ատենաբանութիւնը, որ էր բովանդակ վարդապետական բանք եւ խօսք բարոյականք եւ մխիթարականք, արծարծիչք հոգեւոր սիրոյ ( ՍՐԳ. ): Ժողովը կատարեալ համաձայնութեամբ ընդունեց պատրիարքին տեսութիւնները, անոր յանձնեց ներքին միջոցներ գործածել կաթոլիկութեան յառաջացումը արգելելու, եւ բոլորովին իսկ ջնջելու համար. եւ որոշեց արքունական իշխանութեան հաղորդել իրաց վիճակը եւ անոր ձեռնտուութիւնն ալ հրաւիրել օտարամոլութեան առջեւն առնելու համար: Այդ նպատակով կառավարութեան մատուցանելիք խնդրագիր կամ բողոքագիր մըն ալ պատրաստուեցաւ, եւ առաջաւորներուն կնիքներովը ստորագրուեցաւ: Կաթոլիկամիտներ` ազգն ու անոր պատրիարքը ամբաստանած էին իբրեւ Պարսիկները Օսմանցիներու դէմ գրգռող. ազգայինք գոհացան կաթոլիկամիտներու Եւրոպացւոց հետ յարաբերութիւնները առջեւ դնել, առանց չարամիտ թելադրութիւններ աւելցնելու, եւ միայն գրեցին, թէ գաղտնաբար եւ ծածուկ ելումուտ առնեն յեկեղեցիս Ֆրանկաց, եւ զփաթերայս տարեալ ի տունս իւրեանց` զկարգս եւ զկանոնս Ֆրանկաց համարձակ կատարեն, եւ զտունս եկեղեցի արարեալ` այլ իմն հաւատ ծածկաբար ի մէջ իւրեանց արծարծեն ( ԴԻՒ. Ժ. 218):

2130. ՄԵՂՄ ԸՆԹԱՑՔ

Այդ բողոքագիրը իսկոյն չմատուցուեցաւ, եւ Զաքարիա պատրիարք ձեռնարկեց միայն ներքին միջոցներով կաթոլիկութեան հետեւողներու դէմ պայքարիլ: Նախ ուզեց իմանալ թէ ոյք եւ որքան են հեստեալ ժողովուրդն, եւ քահանաներու հրամայեց անոնց ցուցակը յանուանէ գրել եւ բերել, եւ յետոյ յանձնարարեց որ անոնց տուները երթալով խրատեսցեն համոզկեր բանիւք, եւ այսպէս անցան Մեծպահոց օրերը: Զատիկէն ետքը, եւ ապրիլ 8-ին հանդիպած էր, հրամայեց որ քահանաներ անուղղաներուն զլանան խորհրդակցութիւնները, չմկրտեն, չպսակեն եւ չթաղեն: Բայց ամենէն աւելի զգալի դարձաւ այդ վերջին պարագան, զի որք մեռանէին ի յետամուտներ կրօնին այնմիկ` անթաղ մնային` ի տան անդր մնալով երեք օր, չորս օր, եւ մինչեւ վեց յաւուրս: Բայց որովհետեւ նոյն 1778 տարին ժանտախտը սկսած էր երեւնալ Կ. Պոլսոյ մէջ, եւ անթաղ դիակներ վտանգաւոր կրնային ըլլալ, ուստի Զաքարիա կրկին հրամայեց անշուք թաղել այնպիսիները, յառաջոյ երթալով ղարիպ քահանայ մի եւ եթ: Մահտարաժամը հետզհետէ այնչափ զայրացաւ, որ փոխադրելու իսկ չէին հասնէր մեռելաթաղները: Իսկ մեռնողներու շատութիւնը հաշուելու համար բաւական ըլլայ յիշել, թէ միմիայն Պալաթու Ս. Հրեշտակապետ թաղէն, եւ այն ի Պալաթու կողմն եւ եթ, մէջը չ՚առնելով թաղին ուրիշ մասերը, երեք ամիսներու մէջ, Հայ ըլլալով հազար մեռեալ թուեցեալ են, եւ նոյն թաղին մէջ մէկ օրը մինչեւ քսան եւ ինն մեռեալ թաղուած են: Ժանտախտը Վերափոխման տօնէն` այսինքն օգոստոս 12-էն սկսած է շիջանիլ եւ նուազիլ, իսկ սրբոց Հրեշտակապետաց տօնին, նոյեմբեր 10-ին, ընկղմեցաւ անունն ախտիս, ինչպէս կը վկայէ ականատեսը ( ՍՐԳ. ): Այդ միջոցներուն Զաքարիա պատրիարք շատ չէր ստիպէր պայքարը, ինչ որ համարձակութիւն տուաւ կաթոլիկամիտներուն իրենք դիմել կառավարութեան, պատրիարքարանին դէմ ամբաստանութիւնները կրկնելով եւ պնդելով, որով Զաքարիա ալ գրեթէ ստիպուեցաւ ժողովով ու ժողովուրդով պատրաստուած բողոքագիրը մատուցանել կայսեր յուլիս 13-ին, ուրբաթ օր մը, երբոր Ապտիւլհամիտ կայսրը թագաւորական նաւաւն` ի դառնալն յաղօթարանէն, կ՚անցնէր մօտ յեզրն Պէշիքթաշու պալատին: Խնդրագիրը ներկայացնողներն էին, Սարգիս Հաճընցի վարդապետ, այլ ոմամբք վարդապետօք վեղարագլխարկօք, եւ փոխանորդ տէր Վարդան Պապայն այլ փառաւոր քահանայիւք, եւ քանի մի իշխանօք Ալթը Ճէմայէթ կոչեցելովք, իբրեւ անձամբք ի ութսուն մերձ թուովք ( ՍՐԳ. ) պատկառելի պատգամաւորութիւն մը:

2131. ՀՌՈՄԷԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄՆԵՐ

Կաթոլիկամիտներուն դիմումները միշտ անհետեւանք մնացած էին, զի թէ Ապտիւլ-Համիտ կայսրն անձամբ` եւ թէ պետութեան աւագանին սկզբմամբ հակառակ էին օտար միջամտութեան, եւ կասկածաւոր աչքով կը նկատէին Եւրոպական ազդեցութեան իրենց հպատակներուն վրայ զօրանալը: Ուստի Պատրիարքին հնազանդեցէք հրամանը շարունակ կը կրկնուէր օտարամոլներուն: Պատրիարքի դիմումն ալ լուրջ նկատողութեան առնուեցաւ, եւ դարձեալ միեւնոյն հրամանը տրուեցաւ, որպէսզի օտար միջամտութիւններ խստիւ արգելուէին: Արդէն սուլտան Ապտիւլ-Համիտէ 1774-ին տրուած` Զաքարիայի պաշտօնը հաստատող հրովարտակին մէջ ալ նշանակուած էր, որ բնաւ եկեղեցի մը կաթոլիկ անուանեալ չարագործաց (միւֆսիտլերէ) չտրուի, եւ պատրիարքին կողմէ կաթոլիկութեամբ նախատեցեալ չարագործաց (քաթոլիկ թէօհմէթ իլէ միոթահիմ միւֆսիտլերին) վրայ դրուած տուգանքներուն` ուրիշի կողմէ արգելք չդրուի ( ԴԻՒ. Ժ. 225): Զաքարիա ամէն միջոցները գործածած ըլլալու համար յուլիս 26-ին, հինգշաբթի օր ժողովեց բաժանեցելոց գլխաւորները, եւ յորդորեց չյամառիլ, որպէսզի ինքն ալ ստիպուած չ՚ըլլայ ձեռք քաշել եւ թողուլ որ ենթարկուին ի մարմնական բռնութիւնս այլազգեաց, որոնք կառավարութեան կողմանէ իրենց վրայ պիտի հրամայուէին: Անոնք պատճառելով թէ եղանակն ժանտոտ է, եւ չեն կրնար ժողովուիլ եւ խորհիլ, պայմանաժամ խնդրեցին, եւ պատրիարքն ներեաց նոցա մինչեւ ի տօնն սրբուհւոյ Աստուածածնին: Վերափոխումէն քանի մը օր ետքը ներկայացան օգոստոս 17-ին, եւ մեղայ ասացին, բայց զթուղթս ոչ կնքեցին, եւ օգոստոս 20-ին, երկուշաբթի օր, կրկին եկեալ` հատին զխօսս իւրեանց, թէ ըստ ամենայնի հնազանդ եմք եկեղեցւոյն Հայոց, բայց հէօճէթ ոչ կարեմք տալ ( ՍՐԳ. ): Անշուշտ Լատիններէ հրահանգուած էին` բերանացի խոստումով վտանգն անցնել, բայց խղճով եւ օրէնքով յանձնառութիւն չկնքել: Իսկ պատրիարքը արիւն ձեր ի գլուխ ձեր ասացեալ արձակեաց զժողովն զայն ( ՍՐԳ. ): Բայց հետեւանքը յաջող չեղաւ, զի պետական որոշումը, զոր կերպով մը արգելել ջանացած էր Զաքարիա, գործադրութեան դնել հրամայուեցաւ, խստանալով Արեւմուտքի յարաբերութիւնները մշակող եւ օտարին հետեւող դասակարգին դէմ: Այդ մասին յատուկ հրովարտակներով խիստ հրահանգներ տրուեցան Ղալաթիոյ Վոյվոտային, որ Ոսկեղջիւրի միւս կողմին, եւ օտարազգիներու կեդրոն եղող Ղալաթիոյ եւ Բերիայի կառավարիչն էր ( ԴԻՒ. Ժ. 229), եւ Եէնիչէրիներու Աղային կամ ընդհանուր զօրագլուխին, որ գործադիր իշխանութեան գլխաւորն էր ( ԴԻՒ. Ժ. 239): Այս հրովարտակներուն թուականը իդէպ է դնել 1778 հոկտեմբերին սկիզբները, զի նոյն ամսոյ 79-ին, չորեքշաբթի օր, ձերբակալուեցաւ Բեթրօ Զաքարիա, կամ Պետրոս Զաքարեան, Հայ մի մեծ պազիրկեան յոյժ հարուստ ( ՍՐԳ. ) եւ Եւրոպական դեսպանատանց թարգման ( ԴԻՒ. 263): Անոնցմէ ետքը 1778 դեկտեմբեր 21 թուականով նոր հրովարտակ մըն ալ յղուեցաւ Ղալաթիոյ դատաւորին, որուն մէջ ընդարձակօրէն կը բացատրուէին կաթոլիկ կոչուածներուն անտեղի եւ ապօրինի ընթացքները, եւ կը հրամայուէր անոնց հետամուտ լինել եւ պատժել, աքսորել եւ բանտարկել, եւ ինչքերնին գրաւել, եւ այդ մասին մտիկ չ՚ընել դեսպաններու միջամտութեան, օրինադրելով որ արզ եւ խնդիր էլչոցն` որ վասն րայայի է` ոչ կատարեսցի, եւ մի' լիցին ընդունելի խնդրանք նոցին, միայն թէ ամբաստանութիւնները օրէնքով քննուին դատարանին առջեւ, եւ մինչեւ ոչ ուղղապէս քննեսցի, մի' ոք իշխեսցէ զրայայն աքսորել եւ կամ ի Թերսխանէն յղել ( ԴԻՒ. Ժ. 238):

2132. ԶԱՔԱՐԻԱՅԻ ԸՆԹԱՑՔԸ

Այլեւս յայտնի գործունէութեան ասպարէզը բացուած էր, եւ Զաքարիա պատրիարքը որոշ եւ կորովի ընթացքի մէջ կը գտնենք: Զաքարիայի դէմ քննադատութիւններ շատ են, մանաւանդ այժմեան հռոմէադաւան գրողներու կողմէն, որոնք անգութ հալածիչի մը տիպարը կը ջանան ցուցնել անոր մէջ: Սակայն պատմական տեղեկութեանց վրայ հիմնուելով պէտք է ընդունիլ, թէ Զաքարիա ժողովուրդին եւ պետութեան միջեւ միջնորդական դեր մը կը վարէր, մէկ կողմէն ժողովրդական յուզման եւ նախանձայուզութեան ճնշումը կը կրէր, եւ միւս կողմէն գործը պետութեան ներկայուելէ ետքը, կառավարական խստութեանց կերպին եւ աստիճանին պատասխանատուութիւնը չէր կրեր: Իրաւ ինքն իր մէջ նկատուած ատեն` իր եկեղեցւոյն եւ դաւանութեան նախանձայուզութիւն ունէր, մանաւանդ թէ իր եկեղեցւոյն պաշտպանութեան պարտաւորութիւնն ալ կը զգար, բայց ամէն մանրամասնութեանց հեղինակն ինքը չէր: Անցողակի յիշատակենք, որ Զաքարիայի եւ ուրիշ պատրիարքներու ընթացքը դատափետող հռոմէադաւաններ, պէտք չէ մոռնան Հռոմի պապերուն հաւատաքննական հալածանքները: Հայոց կողմէ եղածները ծանօթ քաղաքներ աքսորէ, եւ ժամանակաւոր բանտարկութենէ, եւ գաւազանի քանի մը հարուածներէ անդին անցած չեն: Անոնք պապերուն պէս բոցակէզ խարոյկներ չեն բորբոքած, քստմնելի խոշտանգանքներ չեն գործածած, եւ նորանոր տանջարաններ չեն հնարած: Եթէ կ՚ընդունին թէ եկեղեցական պետերու ներեալ է իրենց հաւատքը պաշտպանել, պէտք է խոստովանին որ Հայերէն մեղմ եւ չափաւոր պաշտպանողներ ալ չեն եղած:

2133. ԳՈՐԾԱԾՈՒԱԾ ՄԻՋՈՑՆԵՐ

Այդ միջոցին տեղի ունեցած պատահարները միտք չունինք շատ մանրամասնութեամբ յառաջ բերել, թէպէտեւ բաւական նիւթ կրնային մեզ մատակարարել Պօղոս քահանային եւ Սարգիս դպիրին յիշատակագրութիւնները, այլ պիտի ստիպուէինք շատ աւելի երկարել մեր պատմութիւնը: Մեզի մօտիկ ժամանակներ շատ մանրամասնութիւններ պահած են, եւ թերեւս հետաքրքրական ալ են, բայց մենք որոշ գիծէ մը անդին անցնիլ չենք ուզեր: Պետական հրամանները կը տրամադրէին հեստեալները բանիւք եւ գանիւք խրատել, եւ անսաստները թիապարտութեան ենթարկել կամ գաւառներ աքսորել, եւ միանգամայն ինչքերնին յարքունիս գրաւել: Վերջին պայմանը պետական պաշտօնեաները աչալուրջ գործունէութեան կը յորդորէր: Այսպիսի ատեններ անձնական կիրքեր եւ մասնաւոր վրէժխնդրութիւններ ալ ասպարէզ կը գտնեն իրենց ձգտումները յագեցնելու, ուստի ամենայն օրինաւորութեամբ սկսուած գործ մըն ալ կրնայ զեղծումներու առիթ ընծայել, որոնց համար օրէն չէ պատասխանատուութեան ենթարկել օրինաւորութեան սահմանին մէջ գործի ձեռնարկողը: Երբոր տեսաւ Զաքարիա, որ ի ձեռաց անզգամ ճահիլից, կերպ կերպ խայտառական արարքներ կը կատարուին կաթոլիկ մեռելներուն վրայ, եւ թշնամութիւններ կը գործուին հեստեալներուն դէմ, պարտք սեպեց աւագերէցներու ձեռքով խստիւ արգելքներ հրատարակել եկեղեցիներու մէջ, թէ գործը ինձ յանձնեալ է, վասնորոյ ես պատժելոց եմ զնոսա եւ ես պսակելոց, եւ ձեզ միայն հպատակիլ եւ սիրով ընդ նոսա վարիլ պէտք է ( ՍՐԳ. ): Ձեռք առնուած խստութեանց երեսէն, եթէ ոչ ի նոցունց գլխաւորաց, գոնէ շատեր ի միջակաց եւ ի ստոր անձանց հնազանդութիւն ցուցանէին ( ՍՐԳ. ): Սակայն անոնք ալ, որ խոնարհ եղեն յոյժ, հաստատամիտ չեղան, միայն տեւեաց ժամանակ ինչ այսպէս, եւ ապա դարձան անդրէն յառաջին ( ԴԻՒ. Ժ. 258): Ըմբոստութիւնը կամ դարձը` Հայոց եկեղեցիներ չգալու կամ գալու, եւ անոնց պաշտօնեաներէն խորհրդակատարութիւն չ՚ընդունելու կամ ընդունելու մասին ըլլալով, յայտնի է թէ ետ դառնալնին` լատին կամ լատինացեալ պաշտօնեաներու միամիտ ժողովուրդին խիղճին վրայ բռնանալուն հետեւանքն էր: Եէնիչէրիներու տղային ուղղուած հրովարտակին մէջ իբր էլպաշի կը յիշուին 35 անձեր, ոմանք վարդապետ եւ ոմանք քահանայ ( ԴԻՒ. Ժ. 243), սակայն յանուանէ չենք գիտեր թէ որոնք են այս թիւին մէջ մտնողները: Հաւանաբար պատրիարքարանէ հաղորդուած հռոմէադաւան կարգաւորներու ցուցակի մը կ՚ակնարկուի:

2134. ԵՊԱՐՔՈՍՆԵՐՈՒ ՓՈՓՈԽՈՒՄ

Սուլտան Ապտիւլ-Համիտ ներքին համոզմամբ եւ հաստատուն որոշմամբ կը պայքարէր օտարամոլութեան դէմ, եւ ժամանակին եպարքոսն ալ համամտութեամբ արձակած էր վերոյիշեալ հրովարտակները: Կաթոլիկամիտներ` հոսանքը իրենց նպաստաւոր դարձած կարծեցին, երբ եպարքոսութեան հասաւ Տէրէնտէլի Մէհմէտ փաշա, որուն պազիրկեանպաշի կամ սեղանաւորն էր Ստեփան Նալպանտօղլու, իրենց խմբակէն: Տէրէնտէլին Նալպանտօղլուի թախանձանաց վրայ ալ` համարձակեցաւ թագաւորէն հրովարտակներու ետ կոչուիլը խնդրել, այլ միայն Արաբկիրցի Նազարէթ Մուրակեանց աղայի ձեռօք լուր ղրկեց Զաքարիայի, թէ զիւր զայն փոքրիկ նստեալ սենեակն ակամբք պատուականօք եւ մարգարտօք լնում, միայն թէ յետս կացցէ ի նեղելոյ զնոսա, այսինքն զկաթողիկոսն ( ԴԻՒ. Ժ. 261): Առաջարկին հանդէպ Զաքարիայի յայտնած բացարձակ մերժումին վրայ, Տէրէնտէլին կայսեր կը դիմէ թէ կամ զՀայոց պատրիարքն փոխել պիտիս եւ կամ զիս: Որուն Ապտիւլ-Համիտ կը պատասխանէ, ոչ զքեզ փոխեցից եւ ոչ զնա, երթ դու զքո վէզիրութիւնն արա, եւ նա զիւր պատրիարքութիւնն արասցէ ( ԴԻՒ. Ժ. 263): Տէրէնտէլիին եպարքոսութիւնը շատ չտեւեց, եւ յաջորդեց Մէհմէտ Իւմմի փաշա` Աղափաշա մականուանեալ, որ գործին մտադրութիւն դարձնելու չափ ալ ատեն չունեցաւ, եւ պաշտօնի անցաւ արքունի զինակիրներէն Մէհմէտ Զիլիֆտար փաշա, Գարա-Վէզիր կոչուած, ոչ այնչափ խնդիրին կամ քաղաքականութեան, որչափ իր շահուն եւ հաշուին հետամուտ անձ մը: Անոր մօտ բաւական ընդունելութիւն գտան կաթոլիկամիտները, հինգ հարիւր քսակ գումարի համար մուրհակ յանձնելով, երբ իրենց նպատակը յաջողցնէ, եւ 300 քսակը հետզհետէ վճարելով: Բայց Տէրէնտէլիի եւ Իւմմիի եպարքոսութեան օրերուն ալ կաթոլիկամիտներու դէմ հրովարտակները իրենց կատարեալ ոյժը պահեցին: Նալպանտօղլուն ալ չյաջողեցաւ իր նպատակին մէջ, եւ բոլորովին տկարացաւ Տէրէնտէլիին փոխուելուն վրայ: Աքսորեալներ եւ բանտարկեալներ աւելի գլխաւոր նկատուած անձերէ եղան, իբր ցոյց եւ իբր տպաւորութիւն սփռելու միջոց, որովհետեւ որեւէ միջնորդութեան կամ համակերպութեան նշանի վրայ` իսկոյն ետ կը կոչուէին կամ բանտարկութենէ կ՚ազատէին:

2135. ՀՌՈՄԷԱԿԱՆԱՑ ԳՈՐԾԵՐ

Պետրոս Զաքարեան մեծանուն թարգմանին` առաջ հրաման եղած էր որ Տարտանէլ մեկնի, իր բուն պաշտօնատեղին, եւ միայն չերթալուն վրայ, նոյն տեղ բերդարգել ղրկուեցաւ 2131), բայց նոյն ինքն Տէրէնտէլիին` Զաքարիայի մօտ ըրած միջնորդութեան վրայ, թէ նա յօժար է ասել զմեղայն եւ հնազանդիլ քեզ, Զաքարիա դիւրաւ զիջաւ, որ Պետրոս ազատուելով ի կապանացն աքսորման` արտօնուի դառնալ անդրէն ի տեղի իւր ( ԴԻՒ. Ժ. 264): Գլխաւորներէն մէկն էր նաեւ Պէնկլի Ռափայէլ, որ սակայն պահեաց զերեսն իւր, եւ հօրը տեղ որդին ձերբակալեցին եւ 1778 նոյեմբեր 5-ին աքսորեցին, բայց յետ քանի մի աւուր ազատեցաւ վասն հրաժարելոյն իր ուղղութենէն ( ՍՐԳ. ): Գաղղիոյ դեսպանին միջնորդութեամբ ալ` քանի մի աշխարհական ընդ երեք կրօնաւորիւք թիապարտութենէ արձակուեցան ( ՍՐԳ. ): Այսպէս շարունակաբար խստութիւն եւ թուլութիւն իրարու խառնուած էին, զի Զաքարիայի նպատակը, ոչ այլ ինչ էր առնել, եթէ ոչ ձեւեր գործածել սակս դառնալոյ նոցա ի թիւր ճանապարհէ իւրեանց, եւ ոչ թէ վրէժխնդրական բռնութիւն վարել: Կրնանք իսկ աւելցնել, որ եթէ շատ յոյս ալ չունէր, որ հեստեալները բերցէ ի փարախ իւր, գոնէ կը հոգար որ զիւրսն պահել մարթասցի` անխոտոր ի յուղիղ պողոտայէ ( ԴԻՒ. Ժ. 265): Այդ միջոցին տեղի ունեցան Կուտինա կամ Քէօթահիա քաղաքի պատահարներն ալ, ուր կաթոլիկամիտներ տեղական իշխանութիւնը շահելով, յանկարծական յաջողութիւն ունեցան Ս. Սարգիս եկեղեցին գրաւել հանդերձ ուսումնարանաւն, եւ կատարել զպաշտամունս օտարս: Հազիւ թէ լսեց Զաքարիա, յատուկ պետական հրամանագրով հոն ղրկեց Յարութիւն Կեսարացի վարդապետը: Կաթոլիկամիտներու գլխաւորներէն երկուքը միայն` Եսայի Տէր-Գալուստեան եւ Սարգիս Դաւիթեան աքսորուեցան իբրեւ օրինակ, եկեղեցին եւ ուսումնարանը ետ առնուեցան, եւ մնացեալներն իսկոյն հպատակեցան, վարդապետին ձեռք երդմնագիր տալով, որ եթէ երբեք նորէն ոչ հնազանդիմք պատրիարքարանին, եղեցին ինչքն մեր յարքունիս, եւ անձինք մեր յաքսոր եւ ի ծառայութիւն թիոյ ( ԴԻՓ. Ժ. 255): Այս քանի մը մասնաւոր դիպուածները յիշեցինք, որպէսզի ընդհանուր կերպով եղելութեանց ձեւն ու կերպը ցուցուցած ըլլանք: Պատրիարքին եւ ազգին կողմէն եղածը, պաշտպանողական պայքար մըն էր` դուրսէն եկող Լատիններուն դէմ, որոնք կ՚ուզէին հնաւանդ քրիստոնեաները իրենց նորակազմ քրիստոնէութեան դարձնել, ուրիշ նպատակ չունենալով, բայց եթէ իրենց ազդեցութիւնն ու իշխանութիւնը ընդարձակել միամիտ եւ խեղճ Արեւելցիներու վրայ: Հարկաւ նոր ընդարձակութեան պէտք կը զգային, քանի իրենց իշխանութիւնն ու ազդեցութիւնը կը նուազէր Արեւմտեան ազգերու, մանաւանդ Գերմանական եւ Անգլիական տարրներու վրայ: Իսկ Հայերուն մէջէն իրենց հրապոյրներուն հետեւողներէն մէկ մասը` ուսման եւ զարգացման փափաքէն մղուած` լատինական դաւանութեան համամտութիւնը իբրեւ անհրաժեշտ միջոց կը նկատէին. իսկ ուրիշ մաս մըն ալ արտաքին դիւրութեանց եւ նպաստից եւ պաշտպանութեան բարիքը կը տեսնէին Լատիններու մօտաւորութեան մէջ: Սակայն ասոնցմէ աւելի բարձր պէտք էր ըմբռնել ճշմարիտ ազգասէր եւ ճշմարիտ կրօնասէր հոգին, որով կը գործէին պատրիարքն ու ազգը` հայրենաւանդ ուղղութենէ եւ հնաւանդ ուղղափառութենէ չբաժնուելու համար:

2136. ԴԱԴԱՐԻ ՄԻՋՈՑ

Զիլիֆտարին կաշառակուրծ միտումէն օգտուելով եւ 500 քսակի խոստումով անոր մօտենալնին, յայտնի կերպով կը յատկանշէ լատինամիտներու ոյժն ալ դիտումն ալ: Շատ գանձուց խոստմամբ Մէհմէտ Զիլիֆտար եպարքոսէն սպասածնին էր, զի զատեալ ազգ ինչ արասցէ յատուկ պատրիարքիւ եւ եկեղեցեօք, որ եթէ յաջողէր, յանձն կ՚առնէին եւս քառասուն քսակ ամյամէ առ խազնայն արքունական տալ ( ՍՐԳ. ): Այդ խորհուրդին, զոր ուրիշ տեղ ալ յիշեցինք, ձեռնտու էին լատին դեսպաններն ալ եւ գլխաւորապէս Գաղղիականը, որ իրեն ազդեցութեան համար յատուկ շրջանակ մը ունեցած պիտի ըլլար: Զիլիֆտար դիւանագիտական տեսութիւնները Ապտիւլ-Համիտ կայսեր միտքը շփոթելու գործածեց, եւ մինչեւ իսկ մէն առնել ետ պատրիարքին ընդ հեստելոցն անկանելն, ըսելով` իմ ժամանակս մի' առնել զայս կռիւս. որովհետեւ չհամարձակեցաւ պաշտօնապէս ետ առնել տալ այն հրովարտակները, որ կանուխէն արձակուած էին օտարասէրներուն դէմ 2131): Զաքարիա խոհեմութիւն սեպեց իր ձեռնարկը թուլցնել, այլ ոչ դադրեցնել, նախադասելով մեղմօրէն գործել, ուստի մերթ քարշեալ եւ մերթ թողեալ ընթանայր, մինչեւ ցմեռանել սոյն Զիլիֆտար վէզիրին, որ 1779 առաջին ամիսներուն մէջ պաշտօնի անցած ըլլալով, 1781 փետրուար 8-ին մեռաւ ի սըսխայ ախտէ ( ՍՐԳ. ) որ է փայծաղնացաւը:

2137. ՍԻՄԷՈՆԻ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐ

Եղելութիւնք այդ վիճակի մէջ էին Կ. Պոլսոյ մէջ 1780 տարւոյն կէսերը, երբ յանկարծ անակնկալ գործ մը, եւ անհաճոյ գործ մը, բոլորովին ուրիշ կողմ դարձուց Զաքարիայի գործունեայ աշխոյժը: Մայրաթոռոյ գահակալ Սիմէոն կաթողիկոս կը վախճանէր, եւ միաբանութիւնը կը շտապէր յաջորդն ալ ընտրել եւ օծել: Սիմէոն կաթողիկոսի արդիւնաւոր գործունէութենէն վերջին անգամ պատմեցինք տպարանի հիմնարկութիւնը 1771-ին 2122), թղթագործարանի հաստատութիւնը 1776-ին 2123), եւ նոր տօնացոյցի հրատարակութիւնը 1775-ին 2128), որուն կիրառութիւնն ալ սկսած էր` 1777 տարւոյ կաղանդէն: Սիմէոնի կեանքէն եւ արդիւնքէն շատացանք գլխաւոր կէտերը յառաջ բերել, քանի որ մեզմէ չէր կրնար սպասուիլ` որ կատարեալ կենսագրութիւն մը տանք, որուն համար նիւթեր ալ չէին պակսիր, մանաւանդ իր յիշատակարանին երկու հատորներով հրատարակուելէն ետքը Գիւտ Աղանեան աւագերէցին հոգածութեամբ ( ԴԻՒ. Գ. եւ ԴԻՒ. Ը. ): Սիմէոնի արդիւնքներուն գլուխը կրնայ դրուիլ կրթութեան համար հոգածութիւնը, որով Էջմիածին հաւաքեց Նալեանի եւ Պաղտասարի աշակերտութենէն առջեւ եկողները, ինչպէս էին Յարութիւն Բասենցի, Պետրոս Բերդումեան, Սահակ Ահագին կրտսերը, Պետրոս Ղափանցին, Ներսէս Աշտարակեցին, որոնց հետ կրնան յիշուիլ, նաեւ Յովսէփ Արղութեան եւ Եփրեմ Ձորագեղցին ( ԵՐՑ. Ա. 77): Բայց ոչ միայն իբրեւ ուսուցիչ, այլ եւ իբրեւ շինարար, տնտեսագէտ, վարիչ, քաղաքագէտ, տպագրիչ, մատենագիր, շատ ընդարձակ եւ շատ բեղմնաւոր արդիւնաւորութիւն ունեցաւ իր կաթողիկոսութեան մէջ: Նշանակելի է անոր ամէն կողմէ տարածած հոգածութիւնը, եւ Յիշատակարանին մէջ տեսնուած թղթակցութեանց ցանկը` լուսաւոր կերպով կը հաւաստէ թէ Հայ տարրին գտնուած ամէն անկիւնները, իր մտադրութենէն վրիպած չեն, եւ ամէն տեղ հասած են իր գիրերը` ուղղելու, խրատելու, յորդորելու եւ մխիթարելու համար: Տպարանը զինքն երկասիրութեանց ալ հրապուրած էր, Տօնացոյցէն ետքը հրատարակեց Զբօսարան-Տաղարանի երկրորդ տպագրութիւնն ու Պարտավճարը: Բայց չհասաւ տպագրել երկհատոր Քարոզագիրքը, եւ Պորփիւրի ու Արիստոտէլի, Անյաղթի ու Պրոկղի եռահատոր լուծմունքը: Իր գործերէն միայն Ջամբռը հրատարակուեցաւ 1873-ին: Բազմաթիւ են նաեւ եկեղեցական գործերու համար անոր կազմած կանոնները, որոնք եթէ Յիշատակարանէն քաղուէին` կրնային կանոնագիրք մը կազմել: Սիմէոնի գործունէութիւնը այնչափ աւելի զարմանալի կը դառնայ, որ ուժեղ ու տոկուն կազմութիւն ալ չունէր, նիհար էր մարմնով, ցաւագար եւ հիւանդկոտ, այնպէս որ 1778 գարունին դեռ 68 տարեկան եղած ատեն, բժիշկներ տեսնալով անոր անկեալ եւ հիւծեալ վիճակը, անհրաժեշտ դատեցին, որ Էջմիածինի աննպաստ օդէն հեռանայ, եւ Արագածի ստորոտը, հովասուն բարձունքներու վրայ հաստատէ իր բնակութիւնը ( ԴԻՒ. Գ. ճղբ. ):

2138. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊ

Բիւրական երթալէն հազիւ թէ ամիս մը անցած էր, որ Հերակլ Վրաց թագաւոր մեծ զօրքով Երեւանի կուսակալ Հիւսէյին խանին վրայ պատերազմի կու գար, վասնզի խոստացուած հարկը քանի տարիներէ իվեր անվճար մնացած էր: Հիւսէյին սարսեցաւ երբոր Վրաց բանակը եկաւ հաստատուիլ Համզաչիման գիւղը, եւ դեսպաններ հասուց Սիմէոնի, որ նորէն միջնորդութիւն ընէ Հերակլի առջեւ: Սիմէոն մինչեւ իսկ մահճից վեր կենալ կարող չէր, ուստի իր կողմէն երկու արքեպիսկոպոսներ յղեց Հերակլի, Մկրտիչ Շոռոթեցի տեղապահը եւ Գալուստ Աշտարակեցի աթոռակալը (01. ՕՐԱ. 185), եւ Հիւսէյինի վճարելու պատրաստականութիւնը երաշխաւորելով, հազիւ կրցաւ Հերակլը իր բանակով ետ դարձնել, եւ վտանգը հեռացնել: Այդ պարագային կը կապուի տպագրական մամուլի մը նուէրը Սիմէոնի կողմէ Հերակլի տրուած, որ վրացերէն տպագրութեան սկզբնաւորութիւնն եղած կը նկատուի ( ԴԻՒ. Գ. ճղգ. ): Տարին բոլորեցաւ, Հիւսէյին խոստումը չկատարեց, եւ Հերակլ սաստիկ զայրացած, 1779 գարունին, նորէն իր բանակին գլուխն անցած Երեւանի վրայ կը քալէր: Սիմէոն դարձեալ օդափոխութեան համար Օշական էր ելած: Հոն հասան Հիւսէյինի դեսպանները, թախանձելով եւ ստիպելով Երեւան երթալ, որ միասին հոգան` կուսակալը տագնապէն եւ երկիրը աւերածէ ազատել: Սիմէոն հակառակ սաստիկ տկարութեան ստիպուեցաւ շարժուիլ, Երեւան գալ, եւ նորէն միջնորդութիւն ընելու յանձնառու ըլլալ: Կաթողիկոսն ու միաբանները զգեստաւորուած եւ թափօր կազմած դիմաւորեցին Հերակլը, Աշտարակ գիւղի մօտերը. Սիմէոն խաչին վրայ երդուընցնելով ջանաց Հերակլը կասեցնել, որ դրամական գումարի մը համար մարդկան արիւն չթափէ եւ հայաբնակ երկրին խեղճութիւն չպատճառէ: Անհնար եղաւ Հերակլին զայրոյթը զիջուցանել, Հիւսէյինին խոստումները խաբէական նկատուեցան, եւ Սիմէոնի երաշխաւորութիւնը անբաւական: Երեւան Վրացիներէ գրաւուեցաւ, աւարառութիւնը բոլոր Երեւանի դաշտին մէջ տարածուեցաւ, ուր բոլոր Հայ գիւղեր էին որ կողոպտուեցան ու կոտորուեցան, եւ երեսունէ աւելի եկեղեցիներ քանդուեցան, բաւական թուով Հայ գերիներ տարուեցան, Էջմիածինի աթոռին վնասն ալ հարիւր հազարներու բարձրացաւ: Սիմէոն արտասովոր զոհողութեանց ալ ենթարկուեցաւ, ահագին բազմութիւն մը վանքի պարիսպին մէջ պատսպարելով եւ սնուցանելով, եւ խոշոր գումարներ փրկանք վճարելով ( ԴԻՒ. Գ. ճղդ. ): Խեղճ կաթողիկոսը խորապէս յուզուեցաւ եւ անմխիթար վշտացաւ, այնչափ տարիներու ճիգերն ու արդիւնքները յանկարծ եղծուած տեսնելով, աւերն ու աւարը եւ կործանած գիւղերը նշմարելով, եւ անոնց խեղճութեանց լուրերը առնելով: Ձմեռուան վերահաս ցուրտը եւ Իմէրէթի Սողոմոն թագաւորին գլուխ քաշելը ստիպեցին Հերակլը ետ դառնալ, եւ Վրացի բանակը երկու ամիս մնալէ ետքը պարպեց Երեւանն ու գաւառը, երբ երկիրը անյոյս կործանման վիճակ էր առած: Փախուստն ու խուճապը, եւ բռնադատեալ գաղթականութիւնն ալ ամէն յոյս փճացուցուած էին:

2139. ՍԻՄԷՈՆԻ ՄԱՀԸ

Հոգւով ընկճուած, մարմնով հիւծուած, ցաւերով սուզուած, վշտագին օրեր անցուց Սիմէոն 1779-1780 ձմեռուան մէջ: Սրտակէզ եռանդով կը ջանար բան մը ընել, աթոռին վնասները եւ ժողովուրդին թշուառութիւնները դարմանել, այլ կը պակսէին իրեն անձնական ոյժն ալ, պահանջուած միջոցներն ալ: Ներքին եւ արտաքին ցաւերով շրջապատուած տակաւին կը տոկար. անտանելի վիճակի մէջ ձմեռն ու գարունը բոլորեց, եւ վերջապէս 70 տարեկան, բայց բոլորովին հիւծած հոգին աւանդեց, 1780 յուլիս 26, Վարդավառի կիրակի օրը ժամը 4-ին կէսօրուան մօտ ( ՇԱՀ. Ա. 231): Յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ մեռելոցի երկուշաբթին, եւ մարմինը թաղուեցաւ Ս. Գայիանէի գաւիթին հարաւակողմը: Տապանագիրը իբր իր բերնէն գրուած է ( ԴԻՒ. Գ. ճղդ. ), եւ անհաւանական չէ որ կանխաւ իրմէ յօրինուած ըլլայ: Սիմէոնի գործերուն եւ դիտումներուն մասին ինչ ինչ դիտողութիւններ ըրած էինք, գլխաւորապէս Կոլոտի նկատմամբ գրածներուն 1946), Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան շուրջը ունեցած կարծիքին 2085), եւ տօնացուցական կարգադրութեանց վրայ 2127): Սակայն այդ չ՚արգելեր որ չճանչնանք անոր վրայ այն վեհ եւ ընտիր հոգիներէն մին, որ իրենց արթուն միտքով, լուրջ ջանքերով եւ անխոնջ աշխատութեամբ` տիպար գործիչը կը կազմեն, եւ իրենց ժամանակին տիրապետող դէմքը կը դառնան: Իր վրայ խօսած ատեննիս ջանացինք զանազան ճիւղերու մէջէն յիշել կարեւոր գիտելիքները, որպէսզի զգալի կերպով ցուցուի անոր բազմապիսի գործունէութիւնը, եւ այստեղ կրկին ամփոփելու պէտք չենք տեսներ: Իրմէ մնացած յիշատակներէն ամենէն գլխաւորն է Մայր աթոռոյ վարչութեան եւ մատակարարութեան մէջ` կարգ ու կանոն եւ գիր ու արձանագիր մտցնելը, որ նոր ժամանակներու նկարագիրը կը կազմէ, եւ Սիմէոն գրեթէ անոր հիմնադիրը եղած կ՚ըլլայ: Յիշատակելի է նաեւ վանական կամ միաբանական կառավարութեան մէջ իմաստութիւնը բռնութեան տեղ փոխանակելը: Իր օրով դադարեցաւ խարազանին եւ գաւազանին իբրեւ խրատի եւ ուղղութեան միջոց գործածուիլը, որով իրմէ առաջ կը խոշտանգուէին ամէնէն բարձրաստիճան եւ ամէնէն պատկառելի եկեղեցականներն ալ ( ԴԻՒ. Գ. ճղբ. ): Տէր ողորմեա սրտառուչ աղօթքները, Արի Աստուած զգայուն երգը, եւ Ամենասուրբ Երրորդութիւն սովորական դարձած մաղթանքը, Սիմէոնի հեղինակութիւն են, որ իր ատեն իբրեւ կամաւոր աղօթք պատեհ առիթներու մէջ կը գործածուէին, բայց այնչափ մեծ ընդունելութիւն գտան, որ այսօր պատարագներու եւ Եկեսցէներու եւ հսկումներու իբրեւ պարտաւորիչ մաս նկատուած են ու կը գործածուին այնպիսի մտադրութեամբ մը, որ կարծես թէ Լուսաւորիչէ մնացած եւ անյիշատակ ժամանակներէն արմատացած ըլլային: Երբ կը դիտենք որ այս մաղթանքները անարուեստ յօրինուած մը ունին, կը ստիպուինք վերագրել այդպէս սրտագրաւ եղած ըլլալը, եւ անոնց մէջ տեսնել Սիմէոնի եռանդուն եւ ազգասէր զգացումները:

2140. ԴԱՒԱՆԱԿԱՆ ԶԳԱՑՈՒՄ

Սիմէոնի զգացումներուն մէջ նշանակելի կը գտնենք Հայ եկեղեցւոյ պահպանութեան մասին ունեցած նախանձայուզութիւնը, եւ անոր վարդապետութեան մասին զգացած խորին համոզումը: Եթէ նա իր գործունէութեան մէջ բուռն չեղաւ, եւ որչափ կրնար բուռն միջոցներէ խորշեցաւ, եւ կաթոլիկութեան միտեալ եկեղեցականներու` Սարաֆեան Սարգիսի եւ Բասենեան Յարութիւնի եւ նմաններու հետ հաշտ եւ բարեկամական յարաբերութիւններ պահեց, արտաքին նպաստներ ալ ընձեռեց. այդ միմիայն շահեցողական ընթացքի հետեւանքն էր, եւ ոչ իրեն անոնց համամիտ կամ հակամէտ ըլլալուն նշան, ինչպէս հռոմէադաւան գրիչներ կ՚ուզեն մեկնել: Կարծես թէ չեն կրնար ըմբռնել, թէ հնար ըլլայ տարբեր կարծիքի տէր եղողներու հետ ալ մարդասիրական եւ բարեկամական յարաբերութիւններ պահել: Սիմէոնի ներքինին զեղուածը պէտք է տեսնել, իր տպագրած տօնացոյցին յառաջաբանին մէջ ( ՍԻՄ. 2), որուն մասին թէպէտ ինքն պատուէր տուած էր, թէ տօնացոյցին բոլոր նոր տպագրութեանց մէջ թարց աւելացուցման եւ պակսեցուցման եւ առանց զանցառման տպեսջիք ընդ գրքոյս ( ՍԻՄ. 556), սակայն սովորաբար զանց եղած է: Սիմէոն, որ այնչափ սիրով տպագրական հրատարակութեանց նուիրեալ էր, զայրացմամբ կը բողոքէ այն հրատարակութեանց դէմ, որոնք Հռոմէ, Վենետիկէ եւ Թրիէստէ կը սփռուէին այն ատեն, իբր զի կˇըսէր, գողանան զգրեանս հնագունից սրբոց վարդապետաց, եւ ապականեալ այլայլեն զմիտս հեղինակացն, եւ ըստ ախորժակաց իւրեանց զինչ եւ որպէս կամին, գրեն, տպեն եւ սփռեն յազգս մեր ( ՍԻՄ. 547): Ասով կ՚ակնարկէ Հռոմի կողմանէ իբր թէ սրբագրութեամբ, այլ իսկապէս աղաւաղմամբ հրատարակուած ծիսական գիրքերուն, որոնց Վենետիկ ու Թրիէստ ալ ստիպուած էին հպատակիլ: Խստիւ կը զգուշացնէ ազգայինները հեռու մնալ այդպիսի հրատարակութեանց կիրառութենէ, որոնք գործ են կ՚ըսէ նորաբոյս Լօթերականաց ( ՍԻՄ. 16): Այս անունով կաթոլիկներուն կ՚ակնարկէ, չուզելով թերեւս ուղղակի իրենց կոչումը տալ, եւ իրարու խառնելով հռոմէադաւանները եւ բողոքականները, այսինքն առհասարակ Հայ եկեղեցւոյն դէմ մաքառող Արեւմտեան քրիստոնեաները: Սակայն առաջիններ Հայերուն դաւանութիւնը պակասաւոր կը գտնեն, մինչ երկրորդներ աւելորդով բեռնաւորուած կը կարծեն, եւ իրարու համամիտ չեն: Անյարմար չէր ըլլար աւելցնել, թէ երկու ծայրերուն բաղդատմամբ` միջինը ապահով եւ ուղիղ պէտք է ընդունիլ, ծանօթ առածին համաձայն: Սիմէոնի ներքին համոզման իբր կնիք յառաջ կը բերենք իր հայրապետական վեհ յայտարարութիւնը, Հաւատն մեր ոչ է հնացեալ զի նորոգեսցի, ոչ է թերի` զի լրասցի այլ շնորհօքն Քրիստոսի ունիմք ի սրբոյ Լուսաւորչէն մերմէ եւ ի նորին Շառաւիղացն զկատարեալ հաւատ, զուղիղ դաւանութիւն, եւ զգեղեցիկ աւանդութիւնս սրբոյ եկեղեցւոյ, որ բաւական է մեզ ի փրկութիւն եւ ի կեանս յաւիտենականս ածել: Որ եւ վկայ եւ երաշխաւոր իսկ դնեմ զիս առաջի Քրիստոսի եւ սրբոյ Լուսաւորչին մերոյ ի հանդերձելումն, զի եթէ ոք ընդ այս հաւատոյս եւ դաւանութեանս, զորս ունի եկեղեցիս Հայաստանեայց, ունիցի նաեւ զգործս բարիս ընդ պատուիրանին Քրիստոսի, անկարծիք ժառանգելոց է զկեանս յաւիտենականս ( ՍԻՄ. 551):

2141. ՍԱՐԳԻՍ ՍԱՐԱՖԵԱՆ

Այդ վսեմ եւ ուղղամիտ զգացմանց հանդէպ, կարի կը նսեմանան այնպիսիներ, որոնք միայն վասն մարմնականի հեշտութեան եւ անսանձ որկրամոլութեան իւրեանց, ինչպէս կը գրէ Սիմէոն, յարին յայլ ազգս քրիստոնէից` որք պերճ են թագաւորութեամբ եւ հարստութեամբ, եւ ազատք ի մարմնական պակասութեանց յայլազգական բռնութեանց, սակայն գացած տեղերնին իբրեւ զԳաբաւոնացիս են համարեցեալք ( ՍԻՄ. 545): Այդ տարադէպ ուղղութեան հետեւողներուն առաջին կարգին մէջ ցուցուցինք Սարգիս Սարաֆեան եպիսկոպոսը, զոր վերջին անգամ տեսանք Նալեանի, բանիւ եւ գրով հռոմէականութեան դէմ մաքառողի մը, լիաբերան գովեստները հիւսել 2084), եւ մաղթողական հայցուածներով իր խօսքը կնքել, որ Աստուած զհոգի երանելոյ պատրիարքիս այսորիկ ի լուսեղէն խորանսն ընդ սրբոցն իւրոց զմայլեցուսցէ տեսութեամբ իւրով ( ԳԱԼ. 309): Սարաֆեան շարունակեց Ղալաթիոյ քարոզչութիւնը վարել Պասմաճեանի օրով ալ, ուր իր կասկածաւոր ընթացքը քահանայից մէջ դիտողութեան առիթ կու տայ 1766-ին, բայց իր ճարտար դարձուածով եւ Պասմաճեանի հաշտարար միջամտութեամբ միջադէպը կը փակուի ( ԳԱԼ. 110): Սակայն Սարաֆեան` Յարութիւն Բասենեան նուիրակին Ղալաթիոյ նուիրահաւաքութեան ձեռնարկելէն օգտուելով, տեղը անոր կը թողու եւ ինքն Օրթաքէօյի եկեղեցին կը փոխադրուի, ուր կը մնայ մինչեւ 1772: Սարաֆեանի աշակերտը, իր վարդապետէն առնելով կը պատմէ, թէ Սիմէոն ուզած ըլլայ 1771-ին, կարգել զայն մեծ նուիրակ ի շէն Պոլսի, բայց լաւ խորհած է աւելցնել, թէ Սիմէոն գրեր էր խօսիլ թաքուն ( ԳԱԼ. 115), որովհետեւ Սիմէոնի յիշատակարաններուն մէջ այսպիսի ակնարկ մը չկայ: Ընդհակառակն 1767-էն ի վեր Զաքարիա Կաղզուանցին կը վարէր Կ. Պոլսոյ նուիրակութիւնը 2118), եւ երբեք Սիմէոնի միտքէն անցած չէր զայն փոփոխել: Պասմաճեանի ալեկոծ պատրիարքութեան ատեն, թերեւս յուսացած է Սարաֆեան անոր անկումէն օգտուիլ, բայց հետզհետէ Զաքարիայի զօրանալը տեսնելով, եւ Օրթաքէօյի մէջ ալ իր ընթացքը քահանայական դասին նոր դիտողութեան առիթ տալէն ազդուելով, Կ. Պոլիսէ հեռանալու որոշման կը դառնայ, եւ Յարութիւն Պետանեանի օգնութեամբ ( ԳԱԼ. 321), գաղտ բայց զգաստ ( ԳԱԼ. 117) մայրաքաղաքը կը թողու 1772 սեպտեմբեր 29-ին, եւ 24 օրուան նաւագնացութեամբ Մարսիլիա կը հասնի հոկտեմբեր 23-ին ( ԳԱԼ. 118): Իբր 40 օր հոն մնալէ ետքը Անթիպ, Գենուա եւ Բիզա (Antibes, Genova, Pisa) հանդիպելով դեկտեմբեր 18-ին կը հասնի Լիվօռնօ, ուր ծանր ու վտանգաւոր հիւանդութեամբ կը տառապի մինչեւ 1773 փետրուար: Ամիսէ մը հիւանդութիւնը կը նորոգուի, բայց դարձեալ վտանգը կ՚անցընէ, եւ թէպէտ Հռոմ երթալ կը փափաքի, եւ Վենետիկէ Յովհաննէս Սեղբոսեանէ կը հրաւիրուի, սակայն ունեցած ախտին` ջրգողութեան սրտի յոյժ հին յայտնուելուն վրայ ( ԳԱԼ. 124), կեանքէն յոյսը կը կտրէ, կտակը կը պատրաստէ, եւ սեփական գերեզման ալ կը շինէ, եւ 1773 հոկտեմբեր 2, առաւօտեան ժամը մէկին կը վախճանի եւ կը թաղուի հանդիսադրութեամբ Անտոնեան միաբան հայր Կարապետ Հալաճեանի, որ Հայոց տեղւոյս ժողովրդապետ էր ( ԳԱԼ. 130): Սարաֆեանի յեղյեղուկ կեանքը բաւական է իր նկարագիրը ցուցնել, ուստի աւելորդ կը սեպենք այդ կէտին վրայ անդրադառնալ:

2142. ԿԱԹՈԼԻԿ ԵՂՈՂՆԵՐ

Կոստանդնուպոլսոյ մէջ տիրող շփոթ կացութեան միջոցին, մէկ կողմէն Արեւմուտքի հանգստութիւնը, եւ Արեւմուտք դիմողներուն նպաստաւորուելուն հրապոյրը, միւս կողմէն պաշտօնի մրցակիցներէն ոմանց անյաջողութեան մատնուիլը, աւելցնենք լաւագոյն բախտի մը հանդիպելու ակնկալութիւնները, կողմնակիցներ շահելու համար պապական քարոզիչներու եւ եւրոպական դեսպաններու թափած ճիգերը, եկեղեցականներէ ոմանց առիթ ընծայեցին Արեւելքէ հեռանալ եւ շունչերնին Արեւմուտք առնել, ուր հաստատուած կամ ապաւինած ազգայիններ դիւրակեաց վիճակ մը ունենալ կը կարծուէին: Այդ շարժումին մէջ պէտք է զատել զարգացման նպատակով եւ դաստիարակութեան փափաքով գացող դեռահասները, որոնք հռոմէադաւան միաբանութեանց կամ վարժարանաց աշակերտութիւնը կը կազմէին, եւ մինչեւ մէկ աստիճան իրենց գործը գեղերեսելու պատրուակ կրնային գտնալ: Հռոմէադաւան գրիչներ ասոնցմէ շատ աւելի կարեւորութիւն կ՚ընծայեն Հայ եկեղեցւոյ մէջ յառաջացող եպիսկոպոսներէ ոմանց, որոնք իրենց ընթացքին վերջերը Արեւմուտք անցնելու եւ այնտեղ ստիպեալ հռոմէադաւանութեան հետեւելու հարկին ներքեւ գտնուած են: Ասոնց գործը իբր հռոմէադաւան դատին ուղղութեան եւ ճշմարտութեանը փաստ կը ներկայացուի, սակայն մեր կարծեօք շատ տկարացած կը մնայ հռոմէադաւանութեան դատը, եթէ իր ոյժը այսպիսիներուն հեղինակութենէն պիտի ստանայ: Ընտրելագոյն օրինակն է Սարաֆեանը, մերթ այս եւ մերթ այն եկեղեցւոյն ծառայող, մերթ այս եւ մերթ այն վարդապետութիւնը քարոզող: Ուստի եթէ քանի մը տասնեակներ ալ կարենան համրել այսպիսի անուններէն, չենք կարծեր թէ զօրաւոր փաստ մը կազմած ըլլան իրենց ընդգրկած հռոմէադաւան դատին պաշտպանութեան: Մենք, անկախաբար գործին տրուած նշանակութենէն, չենք ուզեր զանց ընել գոնէ գլխաւորներուն անունները, քանի որ պատմական եղելութեանց կարգը կը մտնեն:

2143. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԲԱՍԵՆՑԻ

Նախ յիշենք Յարութիւն եպիսկոպոս Բասենցին, կամ Բասենեան` ինչպէս ինքն կը ստորագրէ ( ԳԱԼ. 323), որ 1767-ին Կ. Պոլսոյ մայրաքաղաքին նուիրակութիւնը փակելով, յարտաքին վիճակսն ելած 2118), եւ աւելի Պրուսայի կողմերը զբաղած կ՚երեւի: Բասենցիին համար գրուած է թէ 1771 օգոստոս 14-ին փախեաւ ի Թրեստ ( ՊԷՐ. 435): Սակայն սա ալ միւսներու նման նորէն ետ եկած կ՚երեւի, վասնզի 1775 յունուար 15-ին կը գտնենք, որ Բասենցին նորէն Պրուսա է, եւ Պրուսացիքն, քան զայս յառաջ, երկիցս եւս էին գրեալ գանգատ կաթողիկոսին անոր դէմ, եւ թէ նա կարի անպատիւ է ի քաղաքիս ( ԴԻՒ. Ը. 315), եւ թէ որքան մնայ անդ միշտ յանարգութենէ յանարգութիւն ընթանայ ( ԴԻՒ. Ը. 316): Կաթողիկոսը կը հրահանգէ որ թարց կարծեաց եկեալ եկեսցէ ի սուրբ աթոռս, բայց Բասենցին երկնչի երթալ ( ԴԻՒ. Ը. 315): Ասկէ ետքն է որ կը լսուի, թէ ի տուն Տաճկի է անկեալ, սակայն կը ստուգուի, թէ ի տուն Լամսայի էլչուն, այսինքն Նէմցէի կամ Աւստրիոյ դեսպանին էր անկեալ. հարկաւ Կ. Պոլիս գալէն ետքը, եւ յայտնապէս ցուցեալ զհերձուածն եւ զուրացութիւնն իւր ( ԴԻՒ. Ը. 511): Այդ լուրը 1776 հոկտեմբեր 11 թուականով է արձանագրուած. սակայն եղելութեան թուականը ճշդուած չէ: Շփոթ են այդ թուականէն ետեւ Բասենցիին համար գրուած տեղեկութիւնները. 1773-ին փախչելու մտադիր կը ցուցուի ( ԳԱԼ. 362), մինչ 1775-ին պաշտօնի վրայ է. 1776-ին օտար պաշտպանութեան կ՚ապաւինի, մինչ կրկին փախուստի առթիւ բաւական ատեն Հռոմ եւ Վենետիկ մնալէ ետքը, 1781 օգոստոսին Թրիեստ հասած կ՚ըսուի ( ԳԱԼ. 362), ուսկից բնաւ չի հետեւիր որ 1781-ին Կ. Պոլիս գտնուած ըլլայ, ինչպէս Բասենցիի պաշտպաններ կ՚ուզեն ըսել ( ԳԱԼ. 363), որպէսզի զայն արդարացնեն նուիրակութեան արդիւնքները եւ աթոռապատկան գումարները իւրացուցած եւ միատեղ տարած ըլլալու մեղադրանքէն ( ԴԻՒ. Դ. 852): Բասենցին 1776-ին օտար պաշտպանութեան ապաւինած էր, եւ այն ատեն կենդանի էր Սիմէոն, եւ իրաւամբ կրնար դիմել Բասենցիին անձը հովանաւորող դեսպանին, որ գողօնին վրայ ալ չտարածէ իր պաշտպանութիւնը: Դեսպանը, աւելի ուղղամիտ քան Բասենցիին գովաբանը, ընթացք կու տայ կաթողիկոսին իրաւացի դիմումին: Բասենցիին մնացած կեանքը անցած է Թրիէստի մէջ, ուր մնացած է երկեակ ութ ամօք` Վենետիկէ անջատուած Մխիթարեաններու մօտ, 1781-է մինչեւ 1796, եւ հարիւրամենի վախճանած է 1796 մարտ 17-ին ըստ տապանագիրին ( ԳԱԼ. 365), կամ մարտ 14-ին ժողովրդապետական արձանագրութեան համեմատ ( ԳԱԼ. 366): Հայերէն տապանագիրին մէջ արքեպիսկոպոս Էջմիածնիձիր գրուածը ( ԳԱԼ. 365), որ պարզապէս Էջմիածինէ եպիսկոպոսութիւն առած ըլլալը կը ցուցնէ, չենք գիտեր ինչ հիմամբ արհիեպիսկոպոս Էջմիածնի կոչում, եւ իբր տիտղոս մեկնուած է ( ԳԱԼ. 306), մինչ Էջմիածին երբեք վիճակի կամ եպիսկոպոսական աթոռի տիտղոս եղած չէ, եւ տապանագիրին լատիներէնին մէջ ալ միայն Հայ արքեպիսկոպոս (archiepiscopo Armenio) ըսուած է, եւ յատուկ տիտղոս տրուած չէ: Մեր պատմական նպատակին համար բաւական ըլլայ գիտնալ, թէ նուիրակութեան արդիւնքը սեփականելու պատճառով տեղի ունեցած է Բասենցիին կաթոլիկանալը:

2144. ՍԱՄՈՒԷԼ ԵՐԶՆԿԱՑԻ

Աւելի զրուցուածներէն մէկն ալ Սամուէլ Երզնկացի, Պրուսայի եպիսկոպոսն է: Սամուէլ Կոլոտի կրտսերագոյն աշակերտներէն էր, 1706-ին ծնած ( ԳԱԼ. 262): Նալեանի փոխանորդութիւնը վարելէն ետքը ( ԳԱԼ. 59), գլխաւոր պաշտօնը եղաւ Պրուսայի առաջնորդութիւնը, ուր արդիւնաւոր գործունէութիւն ունեցաւ, այնպէս որ Նալեան վատառողջութեան համար քաշուելու ստիպուած, Սամուէլը իբր յաջորդ առաջարկեց, բայց Սամուէլ յանձնառու չեղաւ պատրիարքական տագնապին մատնուիլ 2080): Շամախեցիի մահուանէ ետքն ալ` կաթողիկոսութեան ընտրելիներուն կարգին Սամուէլ ալ նկատի առնուած էր 2069) Աստապատցիին առաջարկութեամբ ( ԴԻՒ. Գ. ձ. ): Սակայն ասոնք պարզ առաջարկներ էին եւ բուն ընտրութիւն չեն կրնար ըսուիլ: Սամուէլ ոչ եւս երիտասարդ, 66 տարեկան էր, երբ ինք ալ փորձուեցաւ Արեւմուտք անցնիլ հանգստութեան եւ բարօրութեան ակնկալութեամբ, եւ Սարաֆեանի հետեւողութեամբ, որ իր աշխատակիցն էր, եւ կ՚երեւի թէ սա մեծամեծ բախտաւորութիւններ ցոլացուցած էր անոր աչքին եւրոպական կենցաղին մէջ: Սամուէլ Կիպրոս քաշուելու պատրուակով Պրուսայէ կը մեկնի 1772 նոյեմբեր 3-ին, Կ. Պոլսոյ մէջ իր գործերը կը կարգադրէ եւ Յարութիւն Պետանեանի ձեռքով նաւագնացութեան պէտքերը կը հոգայ, եւ դեկտեմբեր 4-ին Քուրուչէշմէէ Քըզքուլէ կ՚անցնի եւ անկէ նաւ մտնելով 18 օրէն Մալթա (Malta) կը հասնի, որ է ըսել դեկտեմբեր 22-ին ձմեռնային եղանակին մէջ ( ԳԱԼ. 267): Անկէ անդին նաւագնացութիւնը կը դժուարանայ, երկու անգամ Մարսիլիա երթալու, եւ երկու անգամ ալ Իտալիա անցնելու համար նաւ կը մտնէ, բայց քիչ յառաջանալէ ետքը` չորս անգամ ալ ետ կը դառնայ, եւ այս կերպով բաւական ատեն կ՚անցընէ Մալթայի մէջ, մինչեւ որ վերջին անգամ 12 օրուան նաւագնացութեամբ Մալթայէ Չիվիթավէքքիա (Civitavecchia) կու գայ, եւ Հռոմ կը հասնի մայիս 12-ին ( ԳԱԼ. 270) կամ 3-ին ( ԳԱԼ. 272), որ տոմարներու տարբերութեամբ 2/12 կամ 3/13 պէտք է ըլլայ: Սարգիսի եւ Սամուէլի իրարու ետեւէն եւ գաղտնի կերպով Կ. Պոլիսէ հեռանալն էր, որ Պասմաճեանի կամակցութեան վերագրուելով, անոր դէմ ամբաստանութեան կէտ մը կազմեց 2114): Հռոմ հասնելուն յուսախաբ մնացած կը յայտարարէ. Զինչ առնելս ոչ գիտեմ, ամենից կողմանց շուարեալ կեամ, Աստուած ամենակալ ի թիկունս հասեալ օգնեսցէ մեզ. Աստուած ազատ պահէ զմեզ ի գայթակղութենէ ( ԳԱԼ. 268): Վերջին խօսքը կը ցուցնէ թէ Սամուէլ հռոմէադաւանութիւնը ընդունած չէր յառաջագոյն, փորձի համար եկած էր, եւ փորձին սկզբնաւորութիւնը յաջող չտեսնելով, դաւանութեան մէջ գթելէ կը զգուշանար: Այս է Սամուէլի միտքին ուղիղ մեկնութիւնը, եւ ոչ թէ հայր Ներսէսեանի գրելուն յենլով, թէ ի բազմաց հետէ լուեալ էի զլուր նորին, գրեթէ 30 ամէ ի վեր, հետեւցնել թէ Սամուէլ 1743-էն իվեր հռոմէադաւան եղած ըլլայ ( ԳԱԼ. 270): Ներսէսեանը Սամուէլի անունն է լսած իբրեւ նշանաւոր եպիսկոպոսի մը, դաւանութեան մասին ակնարկ չունի բնաւ: Բայց անգամ մը որ Հռոմ ինկած էր, անոր շուրջը պատեցին, որ գոհացնեն եւ վար դնեն: Հասնելէն 40 օր ետքը 1773 յունիս 26-ին վիճակը տակաւին անորոշ է, եւ Փրոփականտա կը յուսայ կարգի դնել Պրուսայի եպիսկոպոսին գործը: Իսկ 1773 հոկտեմբեր 18-ին Վենետիկ կը գտնուի, ուր փոքր աստիճաններու ձեռնադրութիւն կը կատարէ, վերջապէս 1774-ին Ումուտեան Սիմոն եպիսկոպոսի մահուանէ ետքը անոր կը յանձնեն Հռոմի մէջ ձեռնադրիչ եպիսկոպոսի պաշտօնը ( ԳԱԼ. 271): Սամուէլ առաջին անգամ Հռոմ հասնելուն գրած էր, թէ ի յԱրեւելս դառնալն ինձ անկարելի է ( ԳԱԼ. 268), զի հարկաւ թեթեւամտութիւն պիտի սեպուէր իր արարքը: Բայց տարի անցնելով, եւ յուսախաբութիւնը աճելով, եւ խիղճն ալ պարտուելով, անկարելին իրական ըրած է, զի 1778 հոկտեմբեր 6-ին, զինքն արդէն Կ. Պոլիս դարձած կը գտնենք ( ԳԱԼ. 273): Զաքարիա պատրիարքի հռոմէադաւաններուն դէմ 1778 փետրուար 21 ժողովով սկսած շարժումին ակնարկելով 2129) ըսուած է, թէ եղեւ դրդեալ եւ յորդորեալ ի յետս դարձմանէ Սամուէլի ( ԳԱԼ. 273), ինչ որ կը ցուցնէ թէ 1778 տարւոյ սկիզբներէն Սամուէլ արդէն Կ. Պոլիս կը գտնուէր, եւ միանգամայն հռոմէադաւանութեան դէմ ազդու գործիչ մը եղած էր, հարկաւ Հռոմը տեսնելէն եւ ուսումնասիրելէն ետքը` իսկութեան վերահասու ըլլալուն պատճառով: Սամուէլ կեանքին մնացորդը անցուցած է Խասքէօյ թաղին մէջ, իբրեւ եկեղեցւոյն քարոզիչ, ուր եւ վախճանած է 1786-ին 80 տարեկան եւ գերեզմանը կը գտնուի Խասքէօյի գերեզմանատան մէջ: Այս է Սամուէլ Երզնկացիի ընթացքը, որ աւելի աննպաստ փաստ մը կը դառնայ հռոմէադաւանութեան դատին:

2145. ՊԱՍՄԱՃԵԱՆԻ ՄԱՀԸ

Քաղենք եւս Գրիգոր Պասմաճեանի կեանքին վերջին մասը, որուն նկատմամբ խօսած ենք մինչեւ 1777 ապրիլին Անքօնա բնակութիւն հաստատելը 2117): Այդ թուականէն մինչեւ 1782 Պասմաճեան Անքօնա կը մնայ. բայց վերջէնվերջ կը ձանձրանայ, վասնզի Լատին լեզուի հմուտ չ՚ըլլալով եկեղեցական պաշտամանց չի կրնար հետեւիլ, իսկ Հայոց եկեղեցին եւ քահանան ալ շատ անշուք ըլլալով զինքն չեն գոհացներ ( ՊԱՍ. 35): Պասմաճեան Վենետիկ կը հասնի 1782 ապրիլին, միջոց մը ասպնջականութիւն կը վայելէ ի վանքեցւոց Հայոց ( ՊԱՍ. 36), այսինքն Ս. Ղազարու Մխիթարեան միաբաններէն, եւ յետոյ կը հիւրասիրուի Ովանէս աղայի Սեղբոսեան կոչեցելոյն կողմէ ( ՊԱՍ. 36), որ է նոյնինքն Սեղբոս մարքիզը: Վենետիկ մնալուն տեւողութիւնը, ցուցուած է վեց եօթն ամիս ըստ հրամանի սուրբ ժողովոյն Փրօփականտայի ( ՊԱՍ. 132): Չի կրնար հաստատուիլ որ յետոյ նոր արտօնութեամբ կրցած ըլլայ այդ պայմանաժամը երկարել: Թէպէտ, կը գրէ, թէ յետ երկուց ամաց ժամանելոյն մերոյ որ էր թուականն 1784 ի մէջ մարտի ամսոյ, սիպեցաւ առ մեզ անբժշկելի եւ անյեղելի ցաւ իջուածոյ, որով երկու տարին Վենետիկ հասնելէն հաշուիլ կ՚երեւի, մանաւանդ որ ի ժամանակի եւ ի յաւուր տկարութեան ընդունած գութն ու խնամքը Ս. Ղազարու միաբաններուն կը վերագրէ, որոնց մօտ եղաւ Վենետիկ հասնելուն առջի օրերը, եւ սակայն տկարութիւն ըսածը, ոչ իջուածքին, այլ մասնաւոր տկարութեան մը վրայ պէտք կ՚ըլլայ մեկնիլ: Իսկ մեծ տկարութիւնը խնամուած է ոչ Վենետիկի ասպնջականներէն, այլ օգնականութեամբ եւ նպաստաւորութեամբ սրբոյ ժողովոյն Փրօփականտայի կոչեցելոյ ( ՊԱՍ. 36): Ըստ այսմ հաւանական չէ մինչեւ 1789 Վենետիկ մնացած ըլլալը ( ԳԱԼ. 349), եւ հաւանակագոյն է 6-7 ամիսէն Անքօնա դարձած, եւ հոն 1784-ին կաթուածահար ըլլալը ( ՊԱՍ. 132): Անքօնայէ 1789-ին գրած նամակներէն մէկուն մէջ ալ կ՚ըսէ, թէ ահա մերձեալ է ի լնանիլ հնգից ամաց, որ որպէս միակողմանի տառապիմք եւ չարչարիմք, որով ամբողջ հինգ տարիներ շարունակ միեւնոյն տեղ մնացած ըլլալ կը ցուցնէ: Յիշեալ 1789 տարւոյն մէջ է, որ հարկաւ ինքզինքը քիչ մը կազդուրուած զգալով յիշատակութիւններ կը գրէ, եւ ամէն կողմ գիրեր կը տեղացնէ, վերջինը 1789 սեպտեմբեր 4-ին ( ՊԱՍ. 129), իր անցեալը պատմելով, իր ընթացքը պաշտպանելով, եւ ուրիշներուն հետ բաղդատութիւններ հաստատելով: Այդ թուականէն ետքը տակաւին իբր տարիուկէս եւս կ՚ապրի Պասմաճեան, եւ կը վախճանի 1791 յունիս 22-ին, բայց ոչ Անքօնայի, այլ Թրիէստի մէջ, ինչպէս կը քաղուի նոյն քաղաքին Հայազգի մկրտելոց եւ պսակելոց եւ ննջեցելոց տոմարէն ( ՏԱՇ. 924), որուն մէջ յայտնապէս գրուած է վերոյիշեալ թուականով, թէ վախճանեցաւ գերապատիւ Գրիգոր վարդապետն Աստուածատուրեանց, որ էր պատրիարք ամենայն Հայոց Կոստանդնուպոլիսի, իբր 78 ամաց, եւ թէ թաղուեցաւ Ս. Յուստոսի (San Giusto) մայր եկեղեցւոյն դրան առջեւ ( ԳԱԼ. 357): Այլ թէ եflրբ եւ ինչպէflս եւ ինչոflւ Անքօնայէ Թրիէստ փոխադրուեցաւ, բնաւ տեղ մը բացատրութիւն չենք գտներ: Եւս առաւել առանց բացատրութեան կը մնայ, թէ ինչպէս Պասմաճեանի ինքնագիր գրուածները, եւ անոր սեփականութեան գիրքերը Անտոնեանց Հռոմի` եւ անկէ Օրթաքէօյի վանքը կը գտնուին, մինչ յարմարագոյն էր Մխիթարեանց Վիէննայի վանքը գտնուիլը, քանի որ Թրիէստ մեռած ու թաղուած է: Տապանագիրի մըն ալ պատճէնը, որ նոյնպէս Անտոնեանց դիւանին մէջ կը գտնուի, առանց մահուան թուականի, կ՚երեւի նոյնիսկ Պասմաճեանէ կանուխէն պատրաստուած էր, բայց գործածուած չէ. գայ պանդխտի յայսմ քաղաքի բացատրութիւնը` Անքօնայի համար ըսուած է ( ՊԱՍ. 129), ուր գրած ատեն կը գտնուէր, եւ անկէ տեղափոխուելու միտքը չունէր:

2146. ՊԱՍՄԱՃԵԱՆԻ ԳՐՈՒԱԾՆԵՐ

Հետաքրքրական էր յատուկ եւ ընդարձակ ուսումնասիրութիւն մը ընել Պասմաճեանի ինքնագիր յիշատակարանին եւ նամակներուն վրայ, եւ գրողին ներքին զգացմանց թափանցել, սակայն մեր մեզի սահմանած գիծերէն դուրս կը մնայ: Բաբգէն վարդապետ` այժմ եպիսկոպոս Կիւլէսէրեան, համառօտակի շօշափած է այդ կէտը, բնագիրները հրատարակած ատեն, եւ այն եզրակացութեան կը յանգի, թէ Պասմաճեան կաթոլիկ չէր ( ՊԱՍ. 135), եւ այդ կարծիքը կը քաղէ մանաւանդ այն բացատրութիւններէն, զորս նա գրած է Ստեփանոս Աւթանտիլեան վարդապետի հարցումներուն ( ՊԱՍ. 123) Հայ եկեղեցւոյ մասին ( ՊԱՍ. 126), եւ չէ համարձակած Հայ եկեղեցին դատապարտել ( ՊԱՍ. 129): Իսկ Պասմաճեանի ձախողուածը կը վերագրէ չափազանց բարութեան համարժէք` թոյլ եւ կատարելապէս դիւրահաւան բնաւորութեանը, որով դժուարին կացութեան եւ կնճռոտ խնդիրներու դիմաց գտնուելով, չէ կրցած ոչ որոշ ուղղութիւն մը պահել, եւ ոչ Կոլոտի ու Նալեանի ճարտարութիւնը ցուցնել, մէկ կողմէն հաշտարար եւ միւս կողմէն հաստատամիտ ընթացք մը պահելով, կաթոլիկութեան անունով եւ Լատիններու ու լատինամիտներու կողմէ յուզուած խնդիրներու մէջ ( ՊԱՍ. 134): Պասմաճեանի գլխաւոր գրուածներն են մեծ Յիշատակարանը ( ՊԱՍ. 9-56), որուն մէջ յառաջ կը բերէ իրեն նպաստաւոր քանի մը հին վկայագիրներ. եւ Ողջունագիր իբր պատմողօրէն գրուածը ( ՊԱՍ. 98-121), որուն լրացուցիչ կրնան սեպուիլ Ազդեցութիւն պատմողօրէն ( ՊԱՍ. 95-97), եւ Աթոռայնոց բոլորից մակագրուածները ( ՊԱՍ. 93-94), որոնք 1789 մարտ 30 թուականը կը կրեն, իսկ առաջ յիշուած յիշատակարանն ու ողջունագիրը ասոնցմէ առաջ գրուած կ՚երեւին: Պասմաճեան ինքն ալ չ՚ուրանար, որ յամենայնի ամիրաներուն եւ գլխաւորապէս Գասպար Մուրատեանին կամակատար հպատակութիւն է ցոյց տուած, սակայն այսու ոչ թէ բան մը շահած է, այլ իր տկար կողմերը ցուցադրած, եւ ի զուր հեգնական յանդիմանութիւններ կ՚ուղղէ յառաջադէմ ամիրայից եւ իշխանաց ազգին մերոյ ( ՊԱՍ. 67-68), եւ դառն լեզուով կը վատաբանէ անոնց գործերուն դէմ: Փոքրոգի զգացմանց արդիւնք են ամիրաներուն եւ ընդհանրապէս Հայերուն դէմ կազմած ամբաստանութիւնները, թէ Պօղիկեան աղանդաւորներ են, թէ Խաչի եւ պատկերի դէմ կը խօսին, թէ մատաղի ոսկրներու վրայ թաղման կարգ կը կատարեն, թէ եկեղեցականները կը կողոպտեն, թէ աղքատաց դրամները կ՚իւրացնեն, թէ պատրիարքները կ՚անարգեն, թէ եկեղեցպանութեամբ ամիրայ կը դառնան ( ՊԱՍ. 136): Եթէ ըսածներէն ոմանց մասին իրականութիւնն ալ ընդունինք, ամէն ժամանակի սովորական անտեղութիւններ են, եւ անոնք ըլլալով հանդերձ պայծառացան եւ փայլեցան իր անմիջական նախորդները, եւ օրհնութեամբ կնքեցին կեանքերնին: Աւելորդ կը սեպենք քաղել ուրիշներու դէմ ալ եղած հալածանքները, զորս իբր իրեն արդարացում յառաջ կը բերէ, կամ ուրիշ պատրիարքներու ամիրայից հանդէպ ցուցած զիջողութիւնները յիշել, որոնցմով իբր թէ ինքզինքը կը ջատագովէ. զի ասոնք իր նպատակին չեն ծառայեր, եւ զինքն չեն արդարացներ, քանի որ հալածանք եւ պահանջմունք` ամէն բարձր աստիճանաւորներու բաժին են, իսկ արժանիքը` չ՚ընկճուելու մէջն է: Այսու հանդերձ խստիւ պիտի չմեղադրենք Պասմաճեանի բնաւորութեան տէր մէկու մը գործածած լեզուն, որ երկարամեայ ակամայ վտարանդութեան մէջ ձանձրացած, միտքին եւ խիղճին հակառակ օտարադաւանութիւն կեղծելու ստիպուած, եւ տարիներով կաթուածահար վիճակէ նեղուած, մասնաւոր գրութիւններով սրտին զեղուածը դուրս կու տայ, եւ անով ինքն իրեն մխիթարութիւն պատրաստել կը կարծէ:

2147. ԶԱՆԱԶԱՆ ՀՌՈՄԷԱԿԱՆՔ

Պասմաճեանի եւ Սարաֆեանի, Բասէնցիի եւ Երզնկացիի, գլխաւոր դէմքերուն իսկութիւնը փոքրիշատէ պարզելէն ետքը, աւելորդ կը դատենք յառաջ բերել ուրիշ կաթոլիկութեան յարող Հայ եկեղեցականներու անունները: Ապա թէ ոչ պէտք էր այդ միտքին ծառայող բոլոր Մխիթարեան եւ Անտոնեան միաբանները, եւ Փրօփականտայի աշակերտներն ալ յիշել, եւ կենսագրութեանց երկար շարք մը կազմել, զոր եւ ոչ Հայ եկեղեցւոյ աստիճանաւորներուն համար ըրած ենք: Ինչ որ պատմութեանս ընթացքին համար պէտք է գիտնալ, այդ միջոցին կաթոլիկութեան առաւել ընդարձակութիւն ստանալն է, օգտուելով Մխիթարեան կրկին եւ Անտոնեան միաբանութեանց գործունէութենէն, լատինամիտ հրատարակութեանց յաճախելէն, Եւրոպական ազդեցութեանց Օսմանեան քաղաքական շրջանակին մէջ տարածուելէն, եւ պապական նպաստներու ու արտաքին ակնկալութիւններու առատանալէն: Այդ կացութենէն յառաջ եկող միջադէպներ հետզհետէ պատմութեան կարգին դիմացնիս պիտի ելլեն, եւ մենք ալ պէտք եղած ատեն պարտուպատշաճ բացատրութիւնները պիտի տանք, շարունակելով մեր սովորական ոճը: