Տ.
ՊՕՂՈՍ
Բ.
ԳԱՌՆԵՑԻ
1413.
ՊԱՇՏՕՆՆ
ՈՒ
ՁԵՌՆԱՐԿԸ
Պօղոս
Գառնեցի,
Երուսաղէմի
պատրիարքը,
զոր
արդէն
ծանօթացուցինք
(
§
1410),
ոչ
միայն
յաջողեցաւ
իւր
պաշտօնը
արդիւնաւորել
Խանձողատ
Գրիգորը
հեռացնելով,
եւ
աթոռին
վրայ
ազդեցութիւն
բանեցնելով,
այլեւ
կրցաւ
դատարկացած
աթոռը
գրաւել
եւ
հայրապետ
հռչակուիլ:
Մանրամասնեալ
պատմութեան
պակասութիւնը
նորէն
մեզ
կը
ստիպէ
մերձեցումներով
լրացնել
եղելութեանց
շարքը
եւ
մեկնել
անոնց
կապակցութիւնը:
Պատմական
գաղտնիք
կը
մնայ,
թէ
ինչ
կերպով
յաջողեցաւ
Պօղոս
կաթողիկոսութիւնը
ձեռք
անցընել:
Ի
պատիւ
իրեն,
որ
ընդհանուր
անկումին
մէջ
իբրեւ
բարձր
արժանաւորութիւն
մը
կը
փայլի,
չէինք
ուզեր
ըսել,
թէ
նոյն
կերպերով
զօրացած
ըլլայ,
որոնցմով
Կարապետ
Ա.
եւ
Յակոբ
Գ.
ձեռք
անցուցած
էին
հայրապետական
աթոռը:
Բայց
եթէ
ամիրան
շահելու
եւ
միաբանները
ստիպելու
միջոցներէն
ալ
օգտուեցաւ,
անտարակոյս
պարտաւորուեցաւ
գործածել
այն
կերպերը,
որոնք
միայն
կը
ծառայէին
այն
ատեն,
իբրեւ
ազդեցիկ
միջոցներ,
քանի
որ
ներքին
անկարգ
եւ
անկերպարան
վիճակը
չէր
ներեր
հիմնուիլ
օրինական
կանոններու
վրայ:
Պատմողներ
կան,
թէ
ի
մի
եկեալ
ոմանց
յեպիսկոպոսաց
եւ
վարդապետաց
եդին
կաթողիկոս
զնա
ինքն
զՊօղոս
(
ՉԱՄ.
Գ.
458),
բայց
աւելի
ենթադրական
կ՚երեւի
քան
պատմական,
եթէ
չբաւականանանք
կանոնական
ընտրութիւն
ըսել`
ընդհանուր
հաւանութիւնն
ու
ընդունելութիւնը:
Ենթադրական
կը
կարծենք
ուրիշներէն
յառաջ
բերուած
ձեւն
ալ,
թէ
Խանձողատի
անկումէն
ետքը
Սիսէ
Երուսաղէմ
եկեալ
տարան
զտէր
Պօղոս
եւ
նստուցին
յաթոռ
կաթողիկոսութեան
(
ԱՍՏ.
Ա.
220),
վասնզի
Պօղոս
արդէն
Սիսի
մէջ
կը
գտնուէր
կաթողիկոսացած
ատենը:
Պօղոսի
կաթողիկոսութիւնը
նշանաւոր
հանգրուան
մըն
է
Սսոյ
աթոռին
վերջին
տարիներուն
մէջ,
որ
կրնար
մեծապէս
օգտակար
ըլլալ,
եթէ
տեւողական
վիճակ
մը
ստանար,
եւ
արկածալից
վախճան
չունենար:
Պօղոս
բնիկ
Արեւելցի,
արեւելեան
աշակերտութեամբ
ուսած,
եւ
Երուսաղէմի
միաբանութեան
հետեւող,
անհնար
էր
որ
աղթարմայական
ուղղութիւն
ունենար,
զի
այլապէս
ոչ
Տաթեւեան
աշակերտութեան
վստահութեան
արժանացած,
եւ
ոչ
Երուսաղէմի
աթոռին
պատրիարքութեան
հասած
կ՚ըլլար:
Իւր
հայրապետութեան
կոչուիլը,
եւ
Սսոյ
աթոռին
տիրանալը,
աղթարմայական
ուղղութեան
թէ
ոչ
վերջանալուն,
գոնէ
տկարանալուն
նշանն
էր,
եւ
նշանաւոր
արդիւնքներ
ալ
ունենալու
յոյս
կը
ներշնչէր:
Չենք
գիտեր
թէ
ինչ
միտքով
կը
գրէ
Չամչեան,
թէ
Պօղոս
ձեռնարկեալ
կարգաւորեաց
փոքր
մի
զաթոռն
զայն,
որ
խրթնացեալ
էր
յոյժ
ի
բարեզարդութենէ,
ի
սակս
տեղակալելոյ
անոպայից
ոմանց
(
ՉԱՄ.
Գ.
458):
Մենք
այդ
խօսքերը
կը
մեկնենք
աղթարմայական
զեղծումներուն
դէմ
թումբ
մը
ըլլալուն
վրայ,
բայց
չենք
վստահիր
թէ
նոյն
իմաստով
իմանան
Չամչեան
եւ
իւր
համամիտները,
զի
անոնց
սիրելի
է
աղթարմայական
ուղղութիւնը,
որ
զօրացած
էր
այդ
դժպհի
միջոցին,
վերոյիշեալ
անոպայից
աթոռին
տիրանալուն
պատճառով:
1414.
ՇԻՆՈՒԹԻՒՆՔ
ԵՒ
ԿԱՆՈՆՔ
Պօղոսի
կաթողիկոսութեան
թուականը
1418-ին
նշանակեցինք
արդէն,
եւ
մէկէ
աւելի
են
յիշատակարաններ
որ
այն
1418
տարին
կը
նշանակեն
ի
կաթողիկոսութեան
մեր
աթոռոյն
տէր
Պօղոսի
(
ՓԻՐ.
56),
կամ
ի
հայրապետութեան
տեառն
Պօղոսի
(
ՓԻՐ.
57),
որ
այս
մասին
երկբայութեան
տեղի
չմնար:
Իսկ
տեւողութեան
մասին
մինչեւ
1428
տարին
յիշատակարաններ
կը
գտնենք,
որք
ի
հայրապետութեան
տեառն
Պօղոսի
գրուած
են
(
ՓԻՐ.
89):
Իսկ
Դավրիժեցին
Պօղոսի
յաջորդը
կը
դնէ
1430-ին
(
ԴԱՎ.
336),
եւ
անոր
վրայ
հիմնուելով
Պօղոսի
կաթողիկոսութիւնը
12
տարի
ընդունուած
է
ընդհանրապէս,
նոյնպէս
կը
պահենք
մենք
ալ:
Հետեւաբար
իբրեւ
պարզ
թիւրիմացութիւն
կամ
սխալանք
պէտք
է
նկատել
ժամանակագիրի
մը
նշանակած
ամս
երկուս
տեւողութիւնը,
եւ
այն
ալ
1412-էն
1414
(
ՍԱՄ.
173),
որ
ամէն
յիշատակարաններու
ալ
անհամաձայն
կու
գայ:
Մնայուն
արձանագրութիւն
մըն
ալ
1423
թուականով
Սուրբ
Աննա
հայրապետանիստ
վանքին
ճակատը
ծախիւք
Պօղոս
կաթողիկոսի
շինուած
ըլլալը
կը
վկայէ
(
ՍԻՍ.
541):
Պօղոս
հազիւ
թէ
կաթողիկոսական
աթոռ
բարձրացած,
ձեռնարկեց
զարդարել
զվանս
իւր,
այսինքն
է
աթոռանիստը,
ժամատեղօք
եւ
գեղեցիկ
կարգօք
եւ
սահմանիւք,
զոր
տեսեալ
էր
յԱրեւելս,
ի
հայրենի
ժառանգութիւն
իւր,
որով
յայտնապէս
կը
վկայուի
Տաթեւեան
աշակերտութենէ
եղած,
եւ
Տաթեւեան
ուղղութեան
հետեւող
ըլլալը:
Որպէսզի
կարենար
իւր
գեղեցիկ
նպատակը
իրագործել,
փութաց
բերել
յԱրեւելից
քերթողածաղիկ
փիլիսոփայս
եւ
անձինս
ճգնազգեացս,
աբեղայս
եւ
կրօնաւորս,
անշուշտ
եւ
վարդապետս:
Սիսի
մէջ
օրինաւոր
հայրապետանոց
իսկ
չէր
գտած,
զի
ոչ
գոյր
վանք
եւ
տեղի
հանգստեան
կաթողիկոսին,
եւ
ոչ
ունէին
կաթողիկոսքն
տունս
եւ
սեղանս
հասարակաց,
եւ
այս
պատճառով
պարտաւորուեցաւ
ի
հիմանց
կանգնել
հայրապետանոց
մը
գեղեցկակամար
յօրինուածովք,
ի
տեղի
ինչ
պատուական
եւ
վայելուչ,
որ
Սուրբ
Աննա
կոչիւր,
զարդարեալ
ամուր
շինուածով,
վիմօք
եւ
աշտարակօք,
որուն
մէջ
նաեւ
սահմանեաց
տունս
հասարակաց
միաբան
եղբարց
(
ՍԻՍ.
541):
Այդ
համառօտ
տեղեկութիւններն
ալ
կը
բաւեն
իմանալու
թէ
ինչ
յետին
քայքայման
հասեր
էր
Սսոյ
աթոռը
Պօղոսի
նախորդներուն
ձեռքը,
եւ
թէ
ինչ
եղաւ
Պօղոսի
գործունէութեան
հոգին
Սիսի
մէջ:
Որչափ
ալ
Սսոյ
միաբան
եպիսկոպոսներ
եւ
վարդապետներ
յօժարեցան
կամ
հարկադրուեցան
Պօղոսի
կաթողիկոսութիւնը
ընդունիլ,
սակայն
ի
հարկէ
հաշտ
աչօք
պիտի
չտեսնէին,
իրենց
ուղղութեան
հակառակ
ընթացք
մը,
իրենց
զեղծումներուն
դէմ
բացուած
պայքարը,
եւ
զիրենք
կարգի
ու
կանոնի
լուծին
տակ
մտցնելու
ճիգերը,
եւս
առաւել
պիտի
չախորժէին
Արեւելքէ
եկող
վարդապետներու
եւ
աբեղաներու`
աթոռին
տիրանալուն:
Միւս
կողմէն
Արեւելեայք,
տեսնելով
Պօղոսի
ստացած
դիրքը,
եւ
հայրապետանոցը
իրենց
ուզած
ձեւին
վերածելու
համար
ձեռնարկը,
նոյնիսկ
իրենց
գործակցութեան
դիմելը,
մտադիր
կը
յետաձգէին
աթոռի
տեղափոխութեան
դժուարին
ձեւը,
եւ
առ
այժմ
կաթողիկոսին
կ՚օգնէին
եւ
կը
գործակցէին
իւր
գտնուած
տեղը
վերանորոգել
անկեալ
աթոռը:
Այդ
միջոցներուն
Պօղոս
ուզած
էր
անգամ
մըն
ալ
Երուսաղէմ
այցելել
Մատթէոս
վարդապետի
հետ,
թերեւս
այն
տեղի
գործերը
կարգադրելով
փակելու,
եւ
Կիլիկիոյ
պէտք
եղած
անձերն
ու
միջոցները
բերելու
համար:
Սակայն
Սսոյ
աթոռին
համար
1419-ին
գրել
տուած
ճառընտիրին
(
ԱՍՏ.
Ա.
220),
եւ
1422-ին
գրել
տուած
Յայսմաւուրքին
ու
Տարեգիրքին
(
ՍԻՍ.
541),
թուականները,
հարկ
չենք
տեսներ
իւր
ուղեւորութեան
տարիին
հետ
կապել,
վասն
զի
հեռուէն
ալ
կրնար
ապսպրանքն
ընել:
Աւելի
հաւանական
կը
գտնենք
1423-էն`
հայրապետանոցին
շինութենէն
ետքը
թողուլ
ուղեւորութիւնը:
1415.
ՍԻՍԷՆ
ՆՈՐ
ԳԱՂՈՒԹ
Ուրիշ
պարագայ
մըն
ալ,
զոր
կը
քաղենք,
կրնայ
մեր
տեսութեամբ
ուղեւորութեան
պատճառն
ու
ժամանակը
մեկնել:
Յիշած
ենք
արդէն
թէ
Կոստանդին
մը,
Լեւոնի
հեռանալէն
ետքը
թագաւորի
անուն
ստանձնելով
դիրք
մը
կազմած
էր
Կիլիկիոյ
մէջ,
1376
տարիէ
սկսելով
(
§
1349):
Պատմած
ենք
եւս,
թէ
1404-ին
Ռամազանեանց
տիրապետութեան
սկիզբը
բազմաթիւ
գաղթականութիւն
մը
Սիսէ
մեկնած
էր,
իրեն
գլուխ
ունենալով
Կարապետ
մը,
որ
կոչուած
է
թոռն
Կոստանդին
թագաւորի
(
§
1381):
Արդ
սոյն
այս
Կոստանդինի
վերջին
անգամ
Կիլիկիայէ
հեռանալուն
յիշատակութիւնն
է,
որ
խնդիրին
լոյս
կը
սփռէ:
Ժամանակագիր
մը
1424
տարւոյն
ներքեւ
կը
գրէ,
թէ
թագաւորն
ի
Կիպրոս
անցաւ,
եւ
ընդ
նմին
բազում
իշխանք,
իւրաքանչիւր
տոհմականօքն
հանդերձ:
Նոյն
տեղ
թագաւորն
ալ
մատնանշուած
է,
թագաւորեաց
Կոստանդին
48
ամ
բացատրութեամբ:
Նշանակալից
է,
մանաւանդ
որ
նոյն
ժամանակագիրին
խօսքով,
այն`
որ
վերջ
տայ
թագաւորութեան
Կիլիկեցւոց,
Լեւոն
չէ,
այլ
այս
Կոստանդինն
է:
Կ՚ըսէ
եւս
թէ
Կիլիկեցւոց
թագաւորութիւնը
Լեւոն
մեծէն
սկսելով
226
տարի
տեւեց,
եւ
իրօք
այդչափ
տարիներ
անցած
կ՚ըլլան
1199-էն
(
§
1063)
մինչեւ
1424
(
ՍԻՍ.
543):
Այդ
ժամանակագրութիւնը
երկու
տարիներու
տարբերութիւն
մը
կու
տայ,
բայց
այն
ալ
կրնայ
լրացուիլ
ուրիշ
յիշատակարանէ
մը,
որ
1426-ին
գրելով,
ի
թագաւորութեան
Հայոց
Կոստանդեայ
կը
նշանակէ
(
ԹՈՐ.
Բ.
425):
Այս
թուականին
տեղի
ունեցած
արտաքին
մեծ
եղելութիւնն
ալ
Եգիպտացւոց
Սիսի
վրայ
յարձակումն
է,
Մուզէֆէր
սուլտանին
հրամանատարութեամբ,
որուն
ոչ
կարացին
զդէմ
ունել
Ռամազանեաններ
եւ
Հայեր,
եւ
ստիպուեցան
տեղի
տալ,
եւ
30,
000
տուն
անցան
յայնկոյս
ծովու,
անոնց
հետ
նաեւ
թագաւորն
ի
Կիպրոս
անցաւ:
Եգիպտացւոց
սուլտանը
1422-էն
սկսելով
Պուրսպէյ
Աշրաֆ
էր,
եւ
ոչ
Մուզէֆէր,
բայց
հրամանատարը
կրնայ
սուլտանի
ազգականներէն
մէկը
եղած
ըլլալ,
եթէ
ժամանակագիրը
անունը
տալուն
մէջ
սխալած
ալ
ըսել
չուզենք:
Արդ
այս
պարագայն,
որ
Հայոց
պետը
եւ
բազմաթիւ
գաղթականութիւն
մը
քաղաքը
կը
թողուր,
շատ
յարմար
կու
գայ
Պօղոս
կաթողիկոսին
ալ
հեռանալուն,
եւ
պահ
մը
Երուսաղէմ
քաշուելուն,
որ
Եգիպտացւոց
սուլտանութեան
ներքեւ
էր:
Գուցէ
անկէ
Եգիպտոս
ալ
անցած
է:
Ուղեւորութեանց
թուականը
1424-ի
եւ
1426-ի
մէջտեղերը
պէտք
է
դնել,
յարձակումը
եւ
գաղթականութիւնը
եւ
քաղաքին
յանձնուիլը,
Պօղոսի
Երուսաղէմ
երթալուն
եւ
Սիս
դառնալուն
հետ
կապակցեալ
եղելութիւն
մը
նկատելով:
Պօղոսի
Սսոյ
մէջ
պաշտօնավարութիւնը
ուրիշ
պարագաներ
չներկայեր,
եւ
Կիլիկիոյ
հանդարտ
մնացած
ըլլալը
կը
ցուցնէ:
1416.
ԻՍԿԷՆՏԷՐԻ
ԱՐՇԱՒԱՆՔՆԵՐԸ
Իսկ
Հայաստանի
վիճակը
շատ
փոթորկալից
եւ
աղետալից
էր,
Գարագօյունլու
Իսկէնտէրի
երեսէն,
որ
1422-ին
հօրը
Եուսուֆի
իշխանութինը
վերանորոգած
էր
Թաւրէզի
մէջ
(
§
1412),
եւ
պատուհաս
մը
եղաւ
երկրին,
վասն
զի
որքան
նա
կենդանի
էր
ի
վերայ
երկրի,
ամենայն
երկիր
ի
վրդովման
կայր
եւ
ի
խռովութեան
(
ՄԵԾ.
108):
Հազիւ
թէ
Թաւրիզ
հաստատուած
էր,
որ
Խլաթի
կողմը
յարձակեցաւ,
եւ
անգութ
կոտորածներ
ըրաւ
Ծղակ
եւ
Աղուվանք
բերդերու
մէջ:
Սիւնեաց
կողմերն
ալ
ասպատակեց,
եւ
յայնմ
օրէ
ի
հետ
ի
լաց
եւ
ի
սուգ
նստաւ
ամենայն
ազգս
Հայոց
(
ՄԵԾ.
83):
Միւս
տարին
1423-ին
Բաղէշը
աւերեց,
եւ
Վանը
պաշարեց,
եւ
չորս
ամիս
շուրջը
նստելով
ոչ
կարաց
առնուլ,
թէպէտեւ
քաղաքին
մէջ
շատեր
մեռան
ի
սովոյ
եւ
ի
ջրոյ:
Թաւրէզ
դառնալէն
ետքը
ի
նոյն
ամին
լռեաց,
1424-ը
հանդարտ
անցուց,
սակայն
1425-ին
նորէն
Վանի
վրայ
եկաւ
եւ
առաւ,
Աղթամարն
ալ
գրաւեց,
եւ
այնչափ
կոտորած
ու
աւեր
ըրաւ,
որ
պատմիչը
անհնար
կը
համարի
ընդ
թիւ
արկանել
զմեռեալսն
եւ
զողբումն
(
ՄԵԾ.
84):
Ասպատակը
կրկնուեցաւ
1426-ին
Արծկէի
կողմերը,
եւ
տարածուեցաւ
մինչեւ
Որմի:
Սուլտանիոյ
առումն
ալ
4
ամիս
տեւեց
(
ՄԵԾ.
86),
միշտ
միեւնոյն
անգթութեամբ:
Թաթարաց
մեծ
խաները
գերիշխանութեան
իրաւունք
մը
կը
վերագրէին
իրենց
Արեւելքի
միւս
իշխաններուն
վրայ,
Շահռուհ
ալ
ուզեց
զսպել
Իսկէնտէրի
յախուռն
արշաւանքները,
եւ
1427-ին
անթիւ
անհամար
զօրօք
եկաւ
ի
վերայ
յիմար
եւ
անզգայ
եւ
անհնազանդ
եւ
հպարտ
եւ
գոռոզ
բռնաւորին
Սքանդարին
(
ՄԵԾ.
86),
որ
պարտաւորուեցաւ
փախուստով
ազատիլ:
Շահռուհ
ալ
իր
կողմէն
երկիրը
աւրելով
եւ
աւարելով
վրէժ
լուծեց
Իսքէնտէրէ,
եւ
ձմեռը
վրայ
հասնելուն
Ղարաբաղի
դաշտը
քաշուեցաւ,
որ
է
հին
Մուղանը,
եւ
անդ
անցոյց
զդառնաշունչ
աւուրս
ձմերայնոյ
(
ՄԵԾ.
87):
Իսկ
Իսքէնտէրի
ցրուած
գունդերը`
Վասպուրականը,
եւ
մանաւանդ
Քաջբերունեաց
գաւառը
կողոպտեցին
եւ
աւերեցին,
ի
վերուստ
ձիւն
էր
եւ
տեղատարափ,
եւ
ի
ներքուստ
դառնութիւն
անօրինաց:
Վանայ
ծովակին
կղզիները
փախստականներով
խռնուեցան,
ինքն
Մեծոփեցին
ալ
Լիմ
ապաստանողներուն
մէջ
էր,
ուր
եւ
ոչ
նստելոյ
եւ
յառնելոյ
տեղի
գտաւ,
թէպէտ
սիրալիր
ընդունելութիւն
տեսաւ
առաջնորդ
Յովհաննէս
վարդապետէն:
Տագնապը
այնտեղ
ալ
կը
հասնէր
ետեւնէն,
եւ
Ամիւկի
իշխան
Հաճիբէկը
բրածեծ
բռնադատութեամբ,
մէկ
գիշերուան
մէջ
40,
000,
բայց
իրօք
100,
000
դահեկանի
ոսկի
եւ
արծաթ
կը
կորզէր
փախստականներէն
(
ՄԵԾ.
88):
Այդ
աղէտը
տեղի
ունեցած
է
1428
Վարագայ
պահոց
մէջ,
որուն
տօնը
այն
տարի
կ՚իյնար
սեպտեմբեր
26-ին:
Օսման
Աքքօյունլուն
պատեհէն
կ՚օգտուէր
Գարաքօյունլուներուն
վրայ
յարձակելու,
եւ
հալածելու,
որով
զաւուրս
ձմերայնոյն
ամիսս
երեք,
սակաւ
մի
հանգիստ
կը
լինէր
երկրին,
սակայն
1429
գարնան
Իսքէնտէր
կը
դառնայր
եւ
Արծկէ
կը
պաշարէր,
բայց
հազիւ
սակաւ
աւուրս
նստած
էր
անդէն,
որ
իրեն
վրայ
կու
գար
Ջոնկայ,
Շահռուհի
որդին,
բայց
չէր
յաջողեր,
վասն
զի
Իսքէնտէրի
զօրեղ
Թաթարի
մը
հետ
մենամարտը
յօգուտ
Իսքէնտէրի
վերջանալուն,
Թաթարներ
ետ
կը
քաշուէին,
եւ
Իսքէնտէր
Բասէն
կ՚արշաւէր
(
ՄԵԾ.
90):
Երկրին
Հայերը
շփոթած
ու
վարանած,
ի
ծերպս
եւ
ի
ծակս
վիմաց
փախուցեալք
կային
(
ՄԵԾ.
91),
այսու
հանդերձ
անթիւ
եւ
անհամար
էին
Խորասան
տարուած
գերիները:
Մինչեւ
յաջորդ
1430
տարւոյ
Պենտեկոստէն,
այսինքն
յունիս
4,
Թաթարներու
ասպատակը
կը
շարունակէր,
եւ
անոնց
մեկնելէ
ետքը
Խաչի
տօնին
օրը,
սեպտեմբեր
17-ին,
Իսքէնտէր
նորէն
Արծկէն
կը
պաշարէր,
բայց
այս
անգամ
քրիստոնէից
գլխաւորներէն
Արծկէի
տանուտէր
Մուրատ,
եւ
Արճէշի
տանուտէրներ
Յովհաննէս
Փոքոյ
եւ
Գորգի
Աղոյ,
քաղաքին
այլազգիներէն
գաղտնի
բանակցութեան
մտան
եւ
անձնատուր
եղան,
եւ
վնաս
չկրեցին
(
ՄԵԾ.
93):
Այս
եօթն
ամք
են
որ
ի
ներքոյ
դառն
պատուհասի
կամք,
կ՚ըսէ
Մեծոփեցին,
1422-է
աստին
եղած
աղէտներուն
ակնարկելով
(
ՄԵԾ.
95),
զորս
հազիւ
թէ
քանի
մը
տողերով
յիշեցինք:
Երբ
1431
տարին
սկսաւ,
սով
սաստիկ
եղեւ
Հայաստան
եւ
Ատրպատական,
եւ
այնչափ
սաստիկ,
որ
ոչ
միայն
դիմեցին
ի
յուստերս
եւ
ի
դստերս
իւրեանց,
զենուլ
եւ
ուտել,
այլ
մինչեւ
իսկ
Թաւրէզի
մէջ
կերեալ
էին
հազար
ոգի
գաղտնի
եւ
յայտնի,
եւ
գայլեր
անթաղ
դիակներ
ուտելու
վարժուած,
ողջերու
վրայ
ալ
կը
յարձակէին
եւ
կը
գիշատէին
(
ՄԵԾ.
94):
Մեծոփեցին
իւր
կողմերը
եղածին
ականատես,
հիւսիսային
գաւառներու
համար
ալ
Զաքարիա
Տեղերցի
աբեղային
վկայութիւնը
կը
յիշէ:
1417.
ՀԱՒԱՏԱՓՈԽ
ՀԱՅԵՐ
Վերոյիշեալ
տեղեկութիւնները
քաղեցինք,
ոչ
թէ
քաղաքական
եղելութեանց
կատարեալ
պատմութիւնը
տալու
նպատակով,
այլ
միայն
գաղափար
մը
տալու
թէ
ինչ
արկածներ
եւ
աղէտներ
կը
տիրէին
Հայաստանի
մէջ,
որոնք
պիտի
չներէին
եկեղեցւոյ
պաշտօնեաներուն
եւ
վարդապետներուն
գործնական
մտադրութիւն
դարձնել
կաթողիկոսական
խնդիրին
(
§
1409):
Բարեբախտաբար
Պօղոս
Գառնեցին
էր
հայրապետական
աթոռին
վրայ,
որ
կրցածին
չափ
բարեկարգութեանց
կը
հետեւէր
եւ
աթոռին
կացութիւնը
վերանորոգելու
կ՚աշխատէր:
Եկեղեցական
տեսակէտէն
նկատառութեան
արժանի
պարագայ
մըն
ալ
կը
յիշէ
Մեծոփեցին,
թէ
մաս
մը
Հայեր
վասն
աղքատութեան
եւ
սովոյն
դառնութեան,
գնացեալ
խառնեցան
ի
Քուրդն
Բաղիշոյ,
Մշոյ
եւ
Սասնոյ,
եւ
ելեալ
ի
հաւատոյ
դարձան
յանհաւատութիւն
(
ՄԵԾ.
95),
եւ
վրայ
կը
բերէ
թէ
աճին
որդիք
նոցա
անհաւատութեամբ
եւ
լնուն
զաշխարհս
ամենայն
(
ՄԵԾ.
96):
Հայաստանի
ազգաբնակութիւնը
ուսումնասիրողներուն
համար
գաղտնիք
մը
չէ,
թէ
այնտեղ
գտնուող
իսլամ
տարրէն
Թուրք
կոչուած
ստուար
մաս
մը,
եւ
Քուրդ
անունի
ներքեւ
ճանչցուած
մաս
մը`
Հայ
արիւնի
սերունդ
է,
որ
ժամանակին
դժպհի
պարագաներու
ներքեւ
իւր
ազգային
եկեղեցիէն
բաժնուած,
եւ
տիրապետող
տարրին
դէնը
ընդունած
է,
իբրեւ
կեանքի
ապահովութեան
միջոց,
կամ
իբրեւ
վտանգներէ
զերծ
մնալու
փաստ,
կամ
իբր
շահի
ու
փառքի
ու
պաշտօնի
հրապոյր:
Այդ
կէտը
շատ
յայտնի
կերպով
կը
հաստատուի
դիմագիծերու
զննութեամբ
ալ,
զանազան
Քուրդ
ցեղերու
վրայ
մնացած
հայկական
աղաւաղեալ
կոչումներով
ալ,
եւ
շատ
տեղեր
պահուած
հայերէն
լեզուով,
եւ
կենդանի
մնացած
պատմական
աւանդութիւններով:
Սակայն
ժամանակակից
պատմիչի
մը
բացայայտ
վկայութիւնը
ասոնց
ամէնուն
վրայ
իւր
գերակշռութիւնն
ունի,
չուզելով
ալ
այն
կէտերը
մտադրութենէ
վրիպեցնել:
Մեծոփեցին
միայն
վասն
աղքատութեան
եւ
սովոյն
տեղի
ունեցած
հաւատափոխութիւնները
կը
յիշէ,
բայց
անշուշտ
այդ
պատճառներէն
շատ
աւելի
ազդու
եւ
զօրաւոր
եղած
են
սուրն
ու
դաշոյնը,
տանջանքն
ու
չարչարանքը,
գերութիւնն
ու
հարստահարութիւնը,
եւ
ո~վ
գիտէ
որչափ
հազարներ,
եւ
որչափ
բիւրեր
այդ
պատճառներով
հաւատքնին
ուրացան:
Թերեւս
շատեր
առաջ
կեղծեօք
ըրին,
սակայն
զաւակնին
նորընկալեալ
դենին
մէջ
ծնան
ու
սնան,
եւ
սերունդները
իսլամ
սեպուած
Թուրք
եւ
Քուրդ
տարրերը
աճեցուցին:
1418.
ՅԻՄԱՐ
ՎԱՆԵՑԻ
Այդչափ
աղէտներու
եւ
անկումներու
մէջ
չէին
պակսեր
նաեւ
իրենց
հաւատքին
համար
կեանքերնին
զոհող
առաքինիներ
ալ,
որոնց
մէկ
քանիին
անունները
կը
գտնուի
մեզի
հասած
գիրքերու
մէջ.
բայց
շատ
ու
շատ
են
ի
դպրութեան
կենաց
գրուածները:
Յիմար
Վանեցի
ամուսնացեալ
կին
մըն
էր,
բայց
չենք
գիտեր
թէ
իբր
յատուկ
անուն
կամ
իբր
մակդիր
անուն
կը
կրէր
այդ
կոչումը:
Այրը
սպանուած
էր
Վանայ
1387-ի
կոտորածին
մէջ
(
§
1365),
եւ
ինքն
անտէր
եւ
անայցելու
մնալով,
իբր
հացեփեաց
մտաւ
Քուրդի
մը
մօտ,
որուն
կինը
մեռնելուն
անկաւ
ընդ
Յիմարին,
ուսկից
որդի
մը
եւ
դուստր
մըն
ալ
ունեցաւ
(
ՆՈՐ.
224):
Քուրդին
ազգականները
ստիպեցին
զայն
որ
կինը
տաճկացնէ,
եւ
իրենց
վրայ
առին
ստիպել,
բայց
վերջէն
գոհացան
որ
եկեղեցիին
վրայ
երեք
քար
նետէ:
Յիմարը
քարերը
նետեց,
եւ
Քուրդեր
զինքն
հանդարտ
թողուցին,
եւ
այսպէս
ապրեցաւ
իբր
կեղծուրաց,
գրեթէ
20
տարի
(
ՆՈՐ.
225):
Սակայն
Յիմարի
խիղճը
հանդարտ
չէր,
եւ
որպէս
զի
կարենայ
իբր
քրիստոնեայ
ապրիլ,
շուրջ
1406-ին
Մակու
քաշուեցաւ,
ուր
կ՚իշխէր
Սուրղաթմիշ
քրիստոնեայ
(
§
1406):
Յիմար
այնտեղ
մնաց
իբր
10
տարի,
բայց
այնտեղ
ալ
անոր
միտքը
շփոթեցին,
թէ
պէտք
է
կեղծուրացութիւնը
քաւէ
ուր
որ
զայն
ըրած
էր:
Այդ
միտքով
դարձաւ
Վան,
իրեն
Քուրդ
տիրոջ
եւ
Քուրդ
զաւկին
մօտ,
որ
զինքը
ազատ
թողած
էին
իւր
քրիստոնէութեամբը
ապրիլ:
Բայց
ազգականներ
եւ
դրացիներ
նորէն
լեզու
ելան
տեսնելով
որ
քրիստոնէից
եկեղեցին
կը
յաճախէ:
Կարդացողներ
ալ
գործին
խառնուեցան,
երբ
օր
մը
եկեղեցիէն
կը
դառնար,
եւ
ստիպեցին
որ
քրիստոնեայ
ըլլալը
մերժէ,
մինչ
Յիմար
բարձրաձայն
կը
պնդէր:
Ստիպելու
համար
սկսան
զարնել
եւ
հարուածել,
իսկ
կինը
մինչեւ
քաղաքին
հրապարակը
վազեց
եւ
կանգ
առաւ,
եւ
այն
տեղ
քարկոծելով
սպաննեցին,
երբ
Յիմար
գոհունակութեամբ
կը
կրկնէր,
թէ
զքարինն
որ
յաղօթարանն
ձգեցի,
ես
ի
կառափս
իմ
առնում:
Նահատակութեան
թուականը
ձեռագիրները
1418
կը
դնեն
(
ՆՈՐ.
227),
թէպէտ
ուրիշներ
1416
դրած
են
(
ՉԱՄ.
Գ.
438),
իսկ
ամսաթիւը
փետրուար
3
նշանակուած
է
Յայսմաւուրքի
մէջ
(
ՅԱՍ.
Ա.
62):
1419.
ՎԱՍՊՈՒՐԱԿԱՆՑԻ
ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐ
Արծկէի
իշխաններէն
էր
Վազին
(
ՉԱՄ.
Գ.
441),
Մուրատ-Շահ
կոչմամբ
ճանչցուած,
զի
էր
իբրեւ
թագաւոր
քրիստոնէից
ի
մէջ
ծովու
բոլորիս,
այսինքն
Վանայ
լիճին
շրջանակին
մէջ:
Իբր
իւր
ազդեցութեան
յայտարար
կը
պատմուի,
թէ
նոր
հիմն
եդ
ի
մէջ
անօրինաց
խաչիւ
եւ
աւետարանաւ
ջուր
օրհնել
ի
Յայտնութեան
Տեառն,
ուսկից
կը
հետեւցնենք
թէ
այս
տեսակ
արարողութիւններ
ընդհանրապէս
ներուած
չէին:
Այլազգիներ
նախանձելով
եւ
Զենոն
անուն
մատնիչ
Հայ
մըն
ալ
իրենց
ընկեր
առնելով,
քաղաքապետին
ամբաստանեցին,
որ
իսկոյն
ուրացութիւնը
առաջարկեց
իբր
ազատութեան
միջոց,
եւ
երբ
իշխանը
մերժեց,
նախ
բանտարկուեցաւ,
եւ
յետոյ
պարիսպէն
կախուած
նետահար
եւ
նետալից
նահատակուեցաւ
(
ՄԵԾ.
110):
Ուրիշ
տանուտէր
մըն
ալ
Զաքարիա
անունով,
որ
նոյնպէս
Արծկեցի
կ՚երեւի,
միեւնոյն
կերպով
ուրացութեան
բռնադատուեցաւ,
եւ
չհաւանելուն
վրայ,
ի
պարանոց
նորա
պարան
արկեալ
հեղձուցին:
Զաքարիային
նահատակութիւնը
Մուրատշահէ
առաջ
տեղի
ունեցած
կ՚ըսուի
(
ՄԵԾ.
110):
Սոյն
միջոցին
Զարիշատ
աւանի
Մկրտիչ
ձեռնաւորը
եւ
իւր
ութ
անդամէ
բաղկացեալ
ընտանիքը,
կրակի
մէջ
այրելով
նահատակուած
են:
Նոյնպէս
Ասպիսնակ
գիւղի
Յովհաննէս
ձեռնաւորը
հաւատոյ
համար
նահատակուած
է:
Արիստակէս
Քաջբերունին
ալ,
զոր
եղբայր
ծառայիս
կը
կոչէ
Մեծոփեցին,
առանց
յայտնելու
թէ
մարմնաւոր
կամ
հոգեւոր
եղբայրութեամբ:
Նահատակութեան
կերպին
համար
ալ
կը
գրէ,
թէ
ի
հուրն
խորովեցին
իբրեւ
զգառն
անմեղ:
Այդ
վերջիններուն
նահատակութեան
թուականը
կը
դրուի
1420
տարին,
եւ
բռնաւորն
ալ
եղած
է
Ամիւկ
բերդին
իշխան
Փիրալի
(
ՄԵԾ.
111):
Այս
նահատակներուն
հետ
պէտք
է
դասենք
Արճէշի
եւ
Արծկէի
մէջ
իրենց
քրիստոնէութեան
համար
կոտորուած
Հայերը,
եւ
նոյն
պատճառով
ծանր
տառապանք
կրող
խեղճերը,
որոնց
համար
կը
գրէ
պատմիչը,
թէ
առանց
ամօթոյ
խոտով
ծածկին
զինքեանս,
եւ
մերկ
եւ
բոկիկ
շրջին
իբրեւ
զանասունս
(
ՄԵԾ.
111):
1420.
ԲԱՂԷՇԻ
ՀԱԼԱԾԱՆՔԸ
Ժամանակակից
նահատակներուն
մէջ
աւելի
նշանաւոր
է
Վարդան
Բաղիշեցին,
բնիկ
լճեզերեայ
Դատուան
գիւղէն
(
ՆՈՐ.
234),
ամուսնացեալ
հողատէր
մը,
որ
միջոց
մըն
ալ
շրջակայ
վանքերը
պտտելով
աղօթասէր
եւ
հոգեւոր
կեանք
կ՚անցընէր:
Բաղէշի
ամիրայ
Շամշատինի
ուրացութիւններ
քաջալերելու
եւ
բռնադատելու
ջանքերը
ծանր
թուեցան
Վարդանի,
եւ
միտքը
դրաւ
գործին
անտեղութիւնը
անոր
իմացնել,
եւ
անձամբ
ներկայանալով
յայտնեց,
թէ
Աստուած
72
լեզուներէն
իւրաքանչիւրը
իւր
օրէնքովը
կը
թողու,
միթէ
հրամանքդ
քո
աւելի
էfl
քան
զԱստուծոյն,
որ
կամենաս
զամենեսեան
ի
քո
օրէնքդ
փոխել
(
ՆՈՐ.
237):
Խօսակցութիւնը
երկարելուն
ու
Վարդանի
համարձակութեան
վրայ
զայրանալով,
ամիրայն
քանի
մը
հարուածներ
ալ
տուաւ
Վարդանի,
եւ
հրամայեց
բանտարկել
ու
չարչարել:
Այդ
եղած
է
1421
յունուար
1-ին
չորեքշաբթի
օր,
իսկ
Հայոց
870
նաւասարդի
27-ին,
Ըստ
այսմ
ձմեռնային
ցուրտին
ներքեւ
բանտ
կը
տանին
Վարդանը
մերկ
եւ
բոկ
եւ
գլխիբաց
(
ՆՈՐ.
238),
ուր
զերիս
աւուրս
ոչ
դադարէին
ի
չարչարելոյ,
որոնց
վերջը
յունուար
4-ին
նորէն
ամիրային
առջեւ
կը
հանեն,
իսկ
նա
համարձակ,
մինչեւ
իսկ
ղուրանէն
Յիսուսի
համար
գրուածները
յիշելով,
իւր
հաւատքը
կը
պաշտպանէ:
Ասոր
վրայ
մահուան
վճիռի
համար
դատաւորին
կը
յանձնուի,
եւ
նոյն
օր
սրով
եւ
բրով
եւ
քարամբ
կը
նահատակուի`
յունուար
ամսոյ
ի
4,
ծննդեան
պահոցն
յաւուր
շաբաթու,
ի
մետասան
ժամու
(
ՆՈՐ.
242),
կիրակամուտի
երեկոյին:
Թուականին
մասին
եղած
այս
ստոյգ
եւ
ճիշդ
տեղեկութեան
վրայ,
աւելորդ
կը
դառնայ
յայսմաւուրքներու
տարբերութեանցը
հետեւիլ
(
ՆՈՐ.
243):
Յիշեալ
1421
տարւոյն
ընթացքին
պատահած
է
նաեւ
երկու
Հապէշ
կամ
Եթովպացի
քահանաներուն
նահատակութիւնը
Խիզանի
մէջ,
որոնք
սուրբ
տեղեաց
ուխտաւորութենէ
ետքը
Հայաստանի
սրբավայրերը
եկած
էին,
եւ
նահատակեցան
ի
ձեռաց
այլազգեաց,
եւ
թաղուեցան
Բարեձորի
վանքը
(
ՆՈՐ.
244),
որ
է
Եօթնխորան
Ս.
Աստուածածինը
Խիզանի
մէջ,
եւ
կը
յիշուին
Հապաշ
քահանայք
կողմամբ,
բուն
անուննին
անծանօթ
մնացած
ըլլալով:
Բաղէշի
հալածանքներուն
միջոցին
կ՚իյնայ
եւս
Հայոց
874-էն
3
կամ
4
տարի
առաջ,
այսինքն
է
870-ին
կամ
1421-ին
կատարուած
Թովմաս
Պուտլիկցի
վարդապետին
նահատակութիւնը:
Վկայութեան
պարագաները
չեն
պատմուած,
այլ
միայն
ըսուած
է
թէ
Սիմէոն
Ռշտունի
վարդապետին
աշակերտ
էր,
գիտակ
մանրուսմանց,
սիրող
սրբութեան
եւ
աղօթից,
եւ
թէ
նետիւ
հարեալ
սպանին
(
ՄԵԾ.
44):
Պուտլիկ
վանք
Ռշտունիք
գաւառին
մէջն
է,
եւ
անոր
առաջնորդը
պիտի
ըլլայ
Սիմէոն
Ռշտունին,
որ
ուրիշ
կողմէ
մեզի
ծանօթ
չէ:
1421.
ՍՈՐԲԵՑԻ
ՎԿԱՆԵՐ
Բաղէշի
հալածանքը
երբ
ոմանց
մարտիրոսական
պսակներ
կը
պատրաստէր,
ուրիշներու
ալ
գլորման
պատճառ
կ՚ըլլար,
եւ
այս
կարգէն
եղած
էին,
Ստեփանոս
վարդապետ
Յէկուայ
Ս.
Գամազիէլ
վանքէն,
Պետրոս
քահանայ
Խիզան
քաղաքէն
(
ՆՈՐ.
247),
եւ
Ստեփանոս
Սորբեցի
աշխարհական
երիտասարդ
մը
(
ՆՈՐ.
257):
Վարդապետն
ու
քահանայն
ալ
նորաբողբոջ
ծաղկունք
(
ՆՈՐ.
257)
կը
կոչուին,
եւ
դեռ
երիտասարդներ
էին,
երկուքն
ալ
բարեկեցիկ
կ՚ապրէին
Բաղէշի
մէջ,
այլ
սիրտերնին
անհանդարտ
եւ
խիղճերնին
միշտ
խռով,
իրարու
հետ
շարունակ
կը
ցաւակցէին
եւ
կը
խորհրդակցէին,
մինչեւ
որ
փոխադարձ
իրար
քաջալերելով
որոշեցին
ետ
դառնալ,
մինչեւ
իսկ
կեանքերնին
զոհելու
պատրաստականութեամբ:
Այդ
մտադրութեամբ
նախ
գիր
մը
ուղղեցին
Խիզանի
դատաւորին,
որուն
առջեւ
ուրացութիւննին
ըրած
էին,
ետեւէն
իրենք
ալ
Բաղէշէ
մեկնեցան,
Բարեձորի
վանքը
այցելեցին,
ուր
տարի
առաջ
թաղուած
էին
նահատակ
Հապաշ
քահանաները,
երեք
օր
մնացին,
խոստովանեցան
եւ
հաղորդուեցան
Համբարձման
օրը
(
ՆՈՐ.
251),
1424
յունիս
1-ին,
եւ
միւս
օր
ուրբաթ
յունիս
2,
Խիզան
մտան
եւ
համարձակօրէն
ուղղուեցան
դէպի
եկեղեցին
ի
վեց
ժամու
աւուրն
(
ՆՈՐ.
252),
աղօթեցին
եւ
այն
տեղ
եղողներուն
իրենց
զղջումն
ու
քրիստոնէութիւնը
յայտնեցին:
Գլուխնին
ժողվուող
քրիստոնեաները
հեռացուցին,
որ
փորձանքի
չհանդիպին,
իսկ
այլազգիներուն
իրենց
հաստատուն
վերադարձը
կը
բացատրէին,
որոնք
ամբոխիւ
երկուքն
ալ
դատաւորին
առջեւ
հանեցին:
Սովորական
յորդորներէ
եւ
սպառնալիքներէ
ետքը
առաջ
Պետրոս
քահանային
բրով
հարեալ
կոտորեցին
զբազուկս,
եւ
նոյնժամայն
սրով
եւ
փայտիւ
նահատակեցին:
Ետքէն
վարդապետին
վրայ
յարձակեցան,
նախ
եհար
դատաւորն
ապտակ,
բայց
Ստեփանոսի
ուժգնակի
ձեռամբ
պատասխանելուն
վրայ,
կացնով
եւ
թրով,
քարիւ
եւ
փայտիւ
սպաննեցին
վարդապետն
ալ
(
ՆՈՐ.
257),
միեւնոյն
օրը
յունիս
ամսոյ
երկու,
յաւուր
Համբարձմանն
ուրբաթու
(
ՆՈՐ.
260):
Ասոնց
նահատակութեան
լուրը
Սորբի
մէջ
լսուելով,
Ստեփանոս
երիտասարդն
ալ
ոգեւորեց,
որ
քրիստոնեայ
ըլլալը
յայտարարեց,
այդ
մասին
իւր
մօրմէն
ալ
քաջալերուելով,
եւ
երբ
սպառնալիք
եւ
հրապոյր
արդիւնք
չունեցան,
տեղւոյն
այլազգիներ
որպէս
գազան
յարձակեցան
եւ
նահատակեցին
զայն
(
ՆՈՐ.
259):
Ստեփանոս
Սորբեցիին
մարտիրոսութիւնը
կատարուեցաւ
յետ
ինն
աւուր
նահատակութեան
Խիզանցիներուն
(
ՆՈՐ.
258),
որ
է
ըսել
1424
յունիս
11-ին,
Հոգեգալուստի
կիրակի
օրը:
1422.
ԳՐԻԳՈՐ
ԽԼԱԹԵՑԻ
Մարտիրոսներուն
կարգը
պիտի
դասենք
նաեւ
մարտիրոսներու
գովաբան
եւ
Յայսմաւուրքի
նոր
կարգադրող
եւ
տաղերու
եւ
գանձերու
հեղինակ
Գրիգոր
Խլաթեցի
վարդապետը`
Ծերենց
մականունով
ծանօթ:
Գրիգոր
նախապէս
8
տարի
Որոտնեցիին
աշակերտ
եւ
Տաթեւացիին
աշակերտակից
եղած
էր
(
ՄԵԾ.
85),
յետոյ
Սուխարու
մէջ
Սարգիս
Ապրակունեցիին
աշակերտեցաւ
(
ՄԵԾ.
41),
վերջէն
Տաթեւացիին
ալ
հետեւեցաւ
երբոր
նա
Մեծոփ
եկաւ
(
ՄԵԾ.
52),
եւ
իբր
առաջնորդ
Վարդան
Հոգոցեցիին
յաջորդեց
Սալնապատի
մէջ
(
ՄԵԾ.
41),
բայց
պարագաները
չներեցին
մեծ
աշակերտութիւն
կազմել,
եւ
Ցիպնայի
վանքը
քաշուելով
ընդօրինակութեանց
եւ
Յայսմաւուրքի
կարգադրութեան
զբաղեցաւ
(
§
1383):
Այդ
աշխատութիւնը
50
տարի
շարունակած
եւ
70
տարեկան
եղած
էր,
երբ
Երուսաղէմ
ուխտի
գնաց,
ուր
երկու
ամ
յամեալ,
նորէն
իւր
վանքը
դարձաւ
(
ՆՈՐ.
501):
Խլաթեցին
75
տարեկան
եղած
էր
(
ՄԵԾ.
85),
երբ
Իսքէնտէրի
Թիւրքմէնները
Արծկէի
կողմերը
արշաւեցին
(
§
1416),
եւ
Ցիպնայի
վանքն
ալ
հասան:
Միաբաններ
փութացին
փախչիլ,
այլ
չկրցան
ծերունին
ալ
միասին
տանիլ,
որուն
ծանր
կու
գար
իւր
սիրելի
վանքը
լքանել,
եւ
կը
պատասխանէր.
Աստ
կացից
եւ
աստ
մեռայց
(
ՀԱՅ.
501):
Դեռ
խորհուրդի
վրայ
էին,
երբ
ասպատակները
մօտեցան,
միաբանները
աճապարեցին,
իսկ
ծերունին
մինակ
մնացած
անոնց
ձեռքը
ինկաւ,
որոնք
յոյժ
տանջեալ
չարչարեցին
որ
ուրանայ,
եւ
մերժելուն
վրայ
նոյն
ժամոյն
զենին
զնա
իբրեւ
զգառն
անմեղ
(
ՄԵԾ.
43):
Նահատակութեան
օրը
գրուած
է
1425,
մայիս
9,
Հոգեգալուստին
կիրակին
(
ՀԱՅ.
561),
որ
տոմարով
չարդարանար,
ուստի
մենք
ալ
կը
համաձայնինք
տօնին
օրը
պինդ
բռնելով,
եւ
ամսաթիւի
տարբերութիւնները
մօտեցնելով,
1426
մայիս
19-ին
Հոգեգալուստի
կիրակիին
դնել
Խլաթեցիին
նահատակութիւնը
(
ՆՈՐ.
274):
Թաղումը
կատարեցին
Յակոբ
ճգնաւոր
վարդապետը,
Խլաթեցիին
հոգեւոր
հարազատն,
եւ
նահատակին
աշակերտներէն
Ստեփանոս
եպիսկոպոս
եւ
ուրիշներ:
Ամ
մի
մնաց
Յակոբ
Խլաթեցի
սպասաւոր
նորա
գերեզմանին,
եւ
միւս
տարին
ի
Համբարձմանն
յաւուր
վերացման,
հոգին
աւանդեց
երբ
քահանաներ
Համբարձաւ
Տէրն
մեր
յերկինս
կ՚երգէին:
Այս
հաշուով
Յակոբի
ալ
մահը
հանդիպած
կ՚ըլլայ
1427
մայիս
29-ին:
1423.
ՎԱՐԴԱՊԵՏՆԵՐ
ԵՒ
ԿՈՅՍ
ՄԸ
Արծկէի
արշաւանքէն
յետ
երկու
ամի,
1428-ին,
Ռշտունիք
ասպատակեցին
Իսքէնտէրի
գունդերը,
եւ
շատեր
նահատակեցին:
Անունով
կը
յիշուի
Յակոբ
Ովսաննացի
վարդապետը
(
§
1481),
Անծղնապատ
վանքէն,
որուն
մարմինը
թաղուած
է
Նարեկի
մէջ,
Գրիգոր
Նարեկացիի
գերեզմանին
մօտ
(
ՄԵԾ.
43):
Նոյն
միջոցին
Ղազար
Բաղիշեցի
վարդապետը
փութաց
Սասունի
լեռները
ապաւինիլ.
սակայն
հոն
ալ
ճանչցուեցաւ,
եւ
Քրիստոսի
աստուածութիւնը
ուրանալ
չուզելուն
հարեալ
սրով
սպանեն
զնա
(
ՄԵԾ.
44):
Յիշատակենք
Սիմէոն
Այրիվանեցի
վարդապետն
ալ,
հաւանաբար
նոյն
ինքն
Տաթեւացիի
աշակերտներէն
եղող
Սիմէոն
Սիւնեցին,
որ
բարեկարգած
է
նախ
Եղիվարդի
վանքը
եւ
յետոյ
Այրիվանքը:
Նկատողութեան
արժանի
են
իւր
կարգադրութիւնները
որք
վանքերու
կանոնները
կ՚ամփոփեն:
Վանականներուն
զգեստը
բրդեղէն
կամ
մազեղէն
կամ
մաշկեղէն
միայն
պիտի
ըլլայ,
պատարագողները
պարտաւոր
պիտի
ըլլան
երեք
յիսնակներ
պահել,
որք
են
քառասնորդաց,
ամարան
եւ
յիսնակաց,
շաբաթ
եւ
կիրակի
օրերն
ալ
մէկտեղ,
պատարագած
օրերնին
ութը
կանոն
պիտի
քաղեն,
եւ
գինի
ու
միս
պիտի
չուտեն,
վանականներ
ի
ժամատեղն,
ի
հացատեղն
եւ
ի
բանատեղն,
այսինքն
եկեղեցին
ու
սեղանատունը
ու
խօսարանը
միայն
մէկտեղ
պիտի
ըլլան,
պարսպափակ
շրջապատի
մէջ
պիտի
բնակին,
առանց
հրամանի
դուրս
պիտի
չելլեն,
քնոյ
ժամը
ի
մի
վայր
պիտի
ըլլան,
սանամայր,
քոյրաքոյր
կամ
մայրաքոյր
պիտի
չունենան
վանքին
մէջ,
եւ
հնազանդ
պիտի
ըլլան
առաջնորդաց:
Սիմէոնի
մահը
տեղի
ունեցած
է
1428-ին
(
ՀԱՅ.
570):
Անցողակի
պիտի
յիշենք
թէ
Յայսմաւուրքը
մայիս
9-ին
կը
նշանակէ
Վարդենի
(
ՅԱՍ.
Ա.
201)
կամ
Վարդենիկ
կոյս
մը
(
ՀԱՅ.
557),
որ
կուսութիւնը
պահպանելու
եւ
իրեն
ետեւէն
ինկող
երիտասարդին
ձեռքէն
ազատելու
համար,
ոստայնանկի
կկոցով
աչքերը
կը
կուրցնէ:
Ոմանք
այդ
միջոցին
կը
զետեղէն
Վարդենիի
արիական
գործը
(
ՉԱՄ.
Գ.
443),
սակայն
ոչ
այդ
միջոցին
եւ
ոչ
կոյսին
հայ
ըլլալը
կը
քաղուի
Յայսմաւուրքներէն,
որ
առանց
տեղի
եւ
առանց
թուականի
կը
պատմեն
եղելութիւնը,
եւ
անունին
հայ
հնչումն
ալ
թարգմանաբար
նշանակուած
կրնայ
ըլլալ:
1424.
ԱՂԹԱՄԱՐԻ
ՇՓՈԹՆԵՐ
Գարաքօյունլու
Իսքէնտէրին
օրով
Հայաստանի
աղետալի
վիճակին
նկարագիրը
տուինք
արշաւանքներու
պատմութիւններով
եւ
մարտիրոսներու
յիշատակութիւններով,
եւ
այսչափն
ալ
կը
բաւէ
հետեւցնելու
թէ
ինչ
շփոթ
ու
խառնակ
վիճակի
մէջ
էր
եկեղեցական
կացութիւնը:
Հարաւային
Հայաստանը
Աղթամարի
աթոռին
վիճակ
կը
կազմէր
Տաթեւացիին
այն
կողմերը
գալէն
առաջ,
իսկ
Հիւսիսային
Հայաստանը
թէպէտ
Սսոյ
աթոռին
իրաւասութեան
ներքեւ
էր,
սակայն
յարաբերութիւններ
դժուարին
էին:
Ինչչափ
ալ
Պօղոսի
կաթողիկոսութիւնը`
կապերը
պաշտօնապէս
ամրապնդած
էր,
սակայն
քաղաքական
խռովութիւններ
չէին
ներեր
սերտ
գործակցութիւն
հաստատել,
եւ
հետեւապէս
հիւսիսային
վիճակներ
իրենք
իրենց
կը
գործէին,
մեծ
վարդապետներուն
գլխաւորութեամբ:
Աղթամարի
աթոռը
դադրեցնելով
միակ
հայրապետական
աթոռ
մը
հաստատելու
փորձը
ձախողած
էր
(
§
1400),
եւ
Դաւիթ
իւր
աթոռին
վրայ
անխախտ
մնացած
էր,
սակայն
Տաթեւէ
դարձող
եւ
Տաթեւացիին
գործակից
Վասպուրականցի
վարդապետներ,
որչափ
հնար
էր,
ամուր
կը
մնային
իրենց
միտքին
վրայ
եւ
Աղթամարի
չէին
հպատակեր:
Ըստ
այսմ,
այդ
ժամանակէն
պէտք
է
ճանչնալ
Աղթամարի
իրաւասութեան
սահմաններուն
ամփոփուիլը,
եւ
Արծկէի,
Արճէշի,
Բերկրիի
եւ
շրջակայ
գաւառներուն
Աղթամարէն
զատուիլը:
Այս
հետեւանքին
կը
նպաստէր
Դաւիթ
կաթողիկոսին
ալ
մահը,
որ
ամենայն
հաւանականութեամբ
կը
դրուի
1423-ին
(
§
1376),
եւ
իրեն
յաջորդութեան
մեծամեծ
խնդիրներու
տեղի
տալը,
որոնց
եթէ
մեծ
պատճառը
փառասիրական
ներհակընդդէմ
ձգտումներն
էին,
մասամբ
ալ
իրաւասական
խնդիրը
կրնայ
եղած
ըլլալ:
Աղթամարի
Հաւաքարանը
Դաւիթի
մահէն,
մինչեւ
անոր
եղբօրորդւոյն
Զաքարիայի
զօրանալն
ու
տիրապետելը,
այսինքն
է
1423-էն
մինչեւ
1437,
14
տարիներու
միջոցին
համար
21
կաթողիկոսներու
անուն
գտած
ու
ցուցակագրած
է
(00.
ԲԻԶ.
1195),
եւ
այս
միայն
կը
բաւէ
ցաւալի
կացութեան
ծանրութիւնը
իմանալու:
Երկրին
աղէտները
չէին
կրնար
Ունիթորներուն
ալ
աննպաստ
չըլլալ,
որոց
յախուռն
գործունէութիւնը
կանգ
կ՚առնէր
քաղաքական
շփոթներուն
առջեւ,
եւ
ոչ
ալ
նոր
զարգացում
կը
ստանային
իրենց
ձեռնարկները:
Նախիջեւանի
եպիսկոպոսներու
եւ
Երնջակի
գաւառահայրերու
անուններ
քաղուած
են
զանազան
յիշատակներէ
(
ՍԻՆ.
388),
սակայն
նկատողութեան
արժանի
է
որ
ամէնքը
հայազգի
չեն,
եւ
օտարազգիներ
ալ
անխտիր
պաշտօնի
կը
կոչուին
պապերուն
կողմէն:
Ասիկայ
կը
հաստատէ
Ունիթորական
կամ
հռոմէադաւան
ուղղութեան
շատ
շուտ
իսկատիպ
լատինականութեան
յանգիլը,
ինչ
որ
ալ
ուզեն
ըսել
այդ
ուղղութեան
պաշտպանները:
Մխիթար
Ապարանցին,
յախուռն
շահատակ
Միաբանողաց
(
ՍԻՆ.
390),
եւ
իրենց
եռանդուն
փաստաբանը,
որուն
բազում
ինչ
անզգոյշ
եւ
անխոհեմ
բանիւք
եւ
ի
հոգւոյ
ատելութեան
գրած
ըլլալը
իւր
դաւանակիցներն
ալ
կը
խոստովանին
(
ՉԱՄ.
Գ.
449),
մինչեւ
1410
հասուցած
է
իւր
գիրքը,
եւ
անկէ
ետքը
տեղեկութիւններն
ալ
կը
նուազին
Ունիթորներուն
գործունէութեան
վրայ:
1425.
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ
ԳՈՐԾԵՐ
Պօղոս
պատրիարք
Երուսաղէմէ
Սիս
եկած
ատեն
հարկաւ
իւր
տեղը
մէկը
նշանակեց
աթոռը
կառավարելու,
եւ
այս
եղած
պիտի
ըլլայ
Մարտիրոս
Եգիպտացի
եպիսկոպոսը,
որ
պատրիարք
ալ
ընտրուեցաւ
երբ
Պօղոս
կաթողիկոսութեան
բարձրացաւ
1418-ին:
Իրեն
ժամանակն
էր
որ
Պուրսպէյ
Աշրաֆ
սուլտան
Եգիպտոսի,
գահակալութեան
առաջին
տարիներուն
մէջ
Երուսաղէմ
եկած
ըլլալով,
չենք
գիտեր
ինչպիսի
առիթէ
գրգռուելով
հրամայեց,
Ս.
Յարութիւն
տաճարին
դուռերը
փակել
քրիստոնէից
դէմ,
եւ
անոնց
մուտքը
արգելուլ:
Ծանօթ
է
արդէն
որ
մինչեւ
այսօր
ալ
Ս.
Յարութեան
տաճարին
դուռը
Տաճիկներու
պահպանութեան
յանձնուած
է,
եւ
իրենք
են
բուն
պահապանները,
եւ
քրիստոնեայ
դռնապաններ
իքինճի
անունով
ճանչցուած
են
իբր
երկրորդական
կամ
օգնական:
Այդ
կարգադրութիւնը
ծանր
եկաւ
Եթովպիոյ
թագաւորին,
Իսահակ
անուն,
եւ
իւր
տէրութեան
ներքեւ
գտնուող
այլազգիները
հրամայեց
կոտորել,
որուն
փոխարէն
Պուրսպէյ
ալ
Պաղեստինի
եւ
Եգիպտոսի
քրիստոնեաները
ջարդել
պիտի
տար,
եթէ
նոյնիսկ
պետութեան
աւագանին,
յառաջ
գալիք
տագնապը
յիշեցնելով
ետ
առնել
չտար
սուլտանական
հրամանը
(
ԱՍՏ.
Ա.
220):
Այս
պատճառներով
ի
կաթողիկոսութեան
տէր
Պօղոսին,
յԵրուսաղէմ
Յարութեան
դուռն
երկու
ամ
փակեալ
կայր
(
ՍԱՄ.
174),
զոր
ի
դէպ
է
դնել
1424
եւ
1426
տարիներու
միջոցին:
Բայց
անկէ
ետքը
կ՚երեւի
թէ
պահ
մը
հանդարտ
տարիներ
շարունակեցին,
եւ
Մարտիրոս
պատրիարք
ալ
շինարար
պաշտօնավարութիւն
ունեցաւ
մինչեւ
1430,
երբ
իւր
ծերութեան
պատճառով,
իրեն
աթոռակից
առաւ
Եսայի
եպիսկոպոսը
(
ԲԱՌ.
48),
որ
աւելի
ներքին
վարչութեամբ
կը
զբաղէր,
մինչ
Մարտիրոս
կը
շարունակէր
ազգային
ստացութեանց
վէճերուն
հետեւիլ:
Գլխաւորապէս
պարտաւորուեցաւ
Գողգոթայի
սրբավայրին
տիրապետութեան
ետեւէն
ըլլալ,
զոր
Վրացիք
յաջողեր
էին
1431-ին
Հայերուն
ձեռքէն
գրաւել
(
ԱՍՏ.
Ա.
222):
Բայց
Մարտիրոս
Եգիպտոս
գնաց
1433-ին,
եւ
երեք
տարի
անխոնջ
աշխատելով,
ծախսելով
եւ
խոստանալով,
ձեռք
ձգեց
1436-ին
վերստին
ստացութեան
հրովարտակը
(
ԱՍՏ.
Ա.
226),
եւ
Երուսաղէմ
դառնալով
գործադրել
տուաւ
1438
տարւոյ
պաշտօնական
գրութեամբ
(
ԱՍՏ.
Ա.
225):
1426.
ՊՕՂՈՍԻ
ՄԱՀԸ
Պօղոս
կաթողիկոսի
ժամանակակից
ցրիւ
եղելութիւնները
քաղելու
հետեւելով,
աչքէ
վրիպեցուցած
եղանք
Կիլիկիոյ
գործերը,
որոնք
հանդարտ
կերպարան
մը
առած
էին
մեծ
գաղթականութենէն
եւ
Պօղոսի
Սիս
դառնալէն
ետքը
(
§
1415):
Եթէ
քաղաքական
դիրքը
մեծ
յուզումներ
չէր
ներկայեր,
Եգիպտական
տիրապետութեան
վերահաստատուելէն
ետքը,
ներքինը
սկսած
էր
ընտանի
գրգռութիւններ
բուսցնել:
Կիլիկիոյ
հայրապետանոցին
մէջ
աղթարմայական
խմորը
կանուխ
դրուած
էր,
իսկ
Պօղոս
Արեւելեայց
ուղղութեան
հետեւող`
անիկայ
անհետացնելու
ձեռնարկած
էր,
եւ
այդ
նպատակով
Արեւելեան
վարդապետներ
ալ
բերել
տուած
էր
(
§
1414),
եւ
կը
սկսէր
անոնցմով
շրջապատուիլ:
Այսպիսի
պարագաներու
մէջ
գաղափարէն
աւելի
շահադիտութիւնն
է
որ
կը
տիրէ,
եւ
Սսոյ
միաբան
եպիսկոպոսներ
եւ
վարդապետներ,
հարկաւ
իրենց
աղթարմայական
միտումներէն
աւելի,
կը
գրգռուէին
գործերուն
եւ
պաշտօններուն
եւ
անոնցմէ
քաղուելիք
շահերուն
ուրիշներու
ձեռք
անցնելէն:
Այս
կէտին
մէջ
կը
տեսնենք
մենք,
ներքին
գժտութեանց
եւ
երկպառակութեանց
աճիլը,
որոնք
յանգեցան
Պօղոսի
եղերական
վախճանին,
եւ
ինքն
ալ
մէկը
եղաւ
այն
վեց
կաթողիկոսներէն,
որոնց
Սսոյ
միաբանները
դեղ
մահու
արբուցին
եւ
ի
կենաց
աստի
հանին,
եւ
յատկապէս
Պօղոսի
վրայ
ճշմարտուած
կ՚ըլլայ
անտեղի
բարուրանքներով
ինքզինքնին
արդարացնելնին,
բաղայս
անուղղայս
դնելով
ի
վերայ
նոցին
(
ԿՈՍ.
55):
Պօղոսի
մահը
վերջին
հարուածը
եղաւ
հայրապետական
աթոռին
համար,
որուն
թերեւս
դարման
մը
ըրած
ըլլար,
եթէ
աւելի
ապրէր,
եւ
եթէ
իւր
ձեռնարկը
շարունակուէր:
Ընդհակառակն
աղթարմայութեամբ
խմորեալներ
նորէն
տիրացան,
եւ
զեղծումներ
բաց
ասպարէզ
ստացան,
եւ
այլեւս
յայտնուեցաւ
թէ
յոյս
ու
ճար
չկայ
հայրապետական
աթոռը
իւր
աղետալի
վիճակէն
ազատել,
բայց
եթէ
ազատելով
զայն
այն
խառնակ
մթնոլորտէն
որուն
մէջ
կը
մնար:
Դժբախտաբար
գրեթէ
անհնար
էր
անմիջապէս
ձեռնարկել,
զի
Արեւելք
ամբողջ
անտանելի
տագնապի
մէջ
էր
Գարաքօյունլու
Իսքէնտէրին
երեսէն,
եւ
ոչ
միայն
գործելը,
այլեւ
մտածելն
իսկ
հնար
չէր,
հայրապետական
աթոռին
հոգածու
գտնուելու:
Այս
էր
իրաց
վիճակը
1430
թուականին,
որ
Պօղոսի
երկոտասանամեայ
կաթողիկոսութեան
վերջինը
եղած
է,
ինչպէս
բացատրեցինք
(
§
1414):