Ազգապատում. հատոր Բ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ԿՈՍՏԱՆԴԻՆ Դ. ԼԱՄԲՐՈՆԱՑԻ

1269. ՆԱԽԸՆԹԱՑՆ ՈՒ ՄԻՏՈՒՄՆԵՐԸ

Կեսարացիին յաջորդը համանուն մըն է, Սսոյ եպիսկոպոս Կոստանդին Լամբրոնացի, որ հրամանաւ թագաւորին Լեւոնի եւ շատ եպիսկոպոսաց կաթողիկոս օծուած է ի տօնի Ծննդեան, զոր համեմատեցինք 1323 յունուար 6-ին ( § 1267): Լամբրոնացի կոչումը, ծննդավայրէ աւելի ազգատոհմի անուն կը կարծենք մենք, զի պաշտօնը յիշատակելէ ետքը ծննդավայրը յիշել պէտք չէր ըլլար, եւ այն ալ ոչ թէ ի Լամբրոն քաղաքէ իմաստով, որչափ պատուոյ մականունի ձեւով: Դրազարկեցի ալ կոչուած է ( ՀԱՅ. 535), անշուշտ Դրազարկի առաջնորդ ըլլալուն համար, որ սովորաբար Սսոյ եպիսկոպոսութեան յարակից պաշտօն մըն էր: Իսկ Սսոյ եպիսկոպոս ըլլալը ցուցնէ, թէ նոյնինքն է, որ Սսոյ ( ԿԱԼ. 458) եւ Ատանայի ( ԿԱԼ. 503) ժողովներուն մէջ նախապատիւ եպիսկոպոսներէն մէկը, եւ պաշտօնին բերմունքով եւ անձնական ձգտումով Կեսարացիին գործակիցներէն եղած է, եւ անշուշտ այդ պարագային ալ կը պարտի անոր յաջորդութեան կոչուիլը: Կաթողիկոսարանին Սսոյ մէջ հաստատուելէն ետքն ալ, Սսոյ մէջ թեմակալ եպիսկոպոս մը գտնուիլը կը ցուցնէ, թէ կաթողիկոսներ Հռոմկլայէ բռնի հեռանալէն ետքը, Սիսը իբր բուն աթոռանիստ չէին նկատեր, թէ ոչ Սսոյ մէջ ուրիշ թեմակալ գտնուելու չէր: Կոստանդինի ուղղութեան գալով, ան ալ իր նախորդին նման լատինասիրութեան հակամէտ մը պէտք ենք ճանչնալ, թէպէտեւ իր օրով նախանձայոյզ գործունէութեան փորձեր եւ բռնադատութիւններ չկրկնուեցան: Կոստանդին աւելի քաղաքական գործերու հետամուտ անձ մը կը տեսնուի, եւ պարագաները կշռելով յարմարագոյն եւ օգտակարագոյն ընթացքին հետեւող: Լատինական օգնութեանց վրայ վստահութիւնը նուազած ըլլալուն, եւ անոնց անզօրութեան համոզուելուն հետեւանքն է անշուշտ, որ Կոստանդին Լամբրոնացի, թէպէտ ծեր եւ տկար մարմնով, այսու հանդերձ անմիջապէս ջանայ եւ հնարի զխաղաղութիւն այսմ աշխարհի, եւ յանձն կ՚առնէ անձամբ անձին երթալ ի Մսըր առ սուլտանն ( ՀԱՅ. 535), այսինքն է յԵգիպտոս առ Նասր սուլտան ( ՍԱՄ. 158), եւ իբր բանագնաց հաշտարար խաղաղութիւն կը կնքէ անոր հետ: Խաղաղութիւնը կը հաստատուի 15 տարւոյ պայմանաժամով, Հայոց կողմէ հարկի գումար մը վճարելու, եւ Եգիպտացւոց կողմէն քանդուած բերդերնին վերաշինելու պայմանով ( ՍԻՍ. 558): Բայց դժբախտաբար տեւական չըլլար այդ խաղաղութիւնը, որ կնքուեցաւ 1323-ին, Կոստանդինի կաթողիկոսութեան առաջին տարին:

1270. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԵՒ ԽՆԱՄԱԿԱԼ

Օշին խնամակալին բռնական ընթացքը յիշեցինք արդէն ( § 1266), որ հետզհետէ կը շարունակէր եւ կ՚ընդարձակուէր, այնպէս որ արքունական անձերու վրայ ալ ձեռք դնելու կը յաւակնէր, եւ նոյնիսկ թագաւորին հօրաքոյրը, Օշինի քոյրը, Ամաւրի Լուսինեանի այրին Զապլուն տիկինը սնոտի բարուրանքներով չորս զաւակներուն հետ բանտարկել կու տար, մայրերնին կը հրամայէր խեղդել, եւ զաւակներէն Հուգոնը թունաւորել, եւ Հենրիկոսը անօթութեամբ եւ ծարաւով սպաննել, մինչեւ իսկ տալ նմա մէզ յարբումն, եթէ պիտի հաւատանք Դարդէլի հաւաքած բերանացի լուրերուն: Իսկ վերջին երկու զաւակները, որ շատ պզտիկ էին, Ջիւանն ու Պէմունդը աքսորել կու տար, եւ անոնք ալ կ՚ապաւինէին Հռոդոս` Հիւրընկալ ասպետներուն մօտ ( ԴԱՐ. 29): Միջին զաւակը Գուիտոն, Կիլիկիայէ դուրս Կոստանդնուպոլիս կը գտնուէր ( ԴԱՐ. 32), իր մօրաքրոջ Ռիթա կայսրուհւոյն մօտ, որով ազատ կը մնար Օշինի բռնութենէն: Բայց ինքն Օշին խնամակալն ալ ցաւերէ ազատ չէր ըլլար, իր սիրուհւոյն ու ամուսնոյն Յովհաննայի մեռնելովը, ուսկից աղջիկ մը միայն ունեցաւ Մարիամ անունով: Այդ եղելութիւնք տեղի ունեցան միեւնոյն 1323 տարին: Այդ միջոցին չէին դադրած Հայերու եւ Լատիններու յարաբերութիւնները, փոփոխ դեսպանութիւնք եւ թղթակցութիւնք կը շարունակէին, ինչ որ չէր կրնար Եգիպտացիներու աչքէն վրիպիլ, որոնք միտուընին դրած էին Լատիններուն հետքերը Արեւելքէն ջնջել: Ուստի խաղաղութեան դաշինքէն հազիւ տարի մը ետքը, 1324-ին, նորէն սկսան Եգիպտացիներու կողմէն արշաւանքներ ու ասպատակներ, թէպէտ ոչ ընդհանուր կերպով: Այլ պատահական յարձակումներն ալ բաւական էին Հայերը նեղելու, եւ խաղաղութեան արդիւնքները խանգարելու: Պայմաններուն դրժել մըն էր այս Եգիպտացիներուն կողմէն, որչափ ալ միւս կողմէն հնար չէ արդարացնել Հայերուն անհեռատես յարաբերութիւնները: Կոստանդին Լամբրոնացին պէտք չէ հաճութեամբ տեսած ըլլայ իր գործին խանգարումը, թերեւս համամիտ ալ եղած չըլլայ լատինական յարաբերութեանց, որոնց դէմ բացարձակապէս ընդդիմանալու կ՚արգիլուէր իր նախընթացով: Մենք կը բաւականանանք նկատի առնել, թէ Հռոմի եւ Արեւմուտքի հետ յարաբերութեանց մէջ բնաւ Կոստանդինի անունը կամ մասնակցութիւնը չի յիշուիր եւ ամէն բան Լեւոնի եւ Օշինի անունով կը գրուի ու կը գործուի: Ասկէ կը համարձակինք հետեւցնել, թէ Կոստանդին Լամբրոնացին պէտք էր իր լատինասիրութենէն պաղած, եւ չէզօք դիրքի մէջ ամփոփուած ըլլայ ընթացիկ գործառնութեանց մասին: Օշինի եւ Լեւոնի ղրկած դեսպաններէն շատեր` իրաւ եկեղեցականներ էին, Բարսէղ եպիսկոպոս Տարսոնի, Եղբայր Թադէոս կրօնաւոր, Թադէոս եպիսկոպոս Կաֆայի եւ ուրիշներ, սակայն անկէ չի հետեւիր Կոստանդինի ալ գործակցութիւնը, զի եկեղեցականներն ալ ուղղակի արքունեաց տրամադրութեան ներքեւ էին, առանց հայրապետի միջնորդութեան:

1271. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՄԱՀԸ

Կոստանդին Լամբրոնացիի պաշտօնավարութիւնը երկար չեղաւ, հազիւ թէ չորս տարի, եւ այն ալ ալեւոր տարիքի մէջ, երբ իրմէ մեծ գործունէութիւն ալ չէր սպասուէր: Վախճանը տեղի ունեցած է բնական մահուամբ, զի ոչ մի մասնաւոր պարագայ յիշուած չէ այս մասին: Սմբատի շարունակողը 1326-ին կը դնէ Կոստանդինի մահը, եւ 1327-ին յաջորդին ընտրութիւնը: Անեցիին շարունակողը 4 տարի կաթողիկոսութիւն կու տայ, հարկաւ ոչ օրը օրին լրացած, որով կրնայ արդարանալ 1326-ին Կոստանդինի մեռնիլը, եւ յաջորդ տարւոյն սկիզբը յաջորդին նստիլը, ինչպէս որ Լամբրոնացին ալ 1323-ին առաջին օրերը կաթողիկոսացած էր ( § 1267): Ասոր ալ գերեզմանը եղած է Դրազարկի վանքը, որուն առաջնորդութիւնն ալ վարած էր: Տարօրինակ պարագայ մը կը յիշէ Սմբատի շարունակողը թաղման առթիւ: Երբոր, կ՚ըսէ, բացին զհողքն տէր Կոստանդին Բարձրբերդցի կաթողիկոսին նա գտան զշուրջառն փտած, եւ զպավլին խայտնին շէն, եւ զգաւազանն եւ զմազն, եւ ոսկր ամենեւին չգտան: Առաջին դիտելու կէտն այն է, թէ ինչո'ւ եւ ինչպէ'ս յառաջագոյն վախճանած կաթողիկոսի մը գերեզմանը կը բանան: Պատմիչը չ՚ըսեր որ նոյն գերեզմանին մէջ նոր վախճանած կաթողիկոսը պիտի դնէին, ինչ որ հաւանական ենթադրութիւն մըն է, բայց տարօրինակ սովորութեան մը օրինակ կը ներկայանայ: Միւս կողմէն դիւրին ալ չէ պարզ հետաքրքրական նպատակ մը ենթադրել, նախնեաց ոսկերտիքը զննելու կամ տեղափոխելու համար, վասն զի այն ատեն պէտք չէր ըլլար ուրիշ կաթողիկոսի մը մահուան սպասել, մինչ Բարձրբերդցիին գերեզմանը բացած են, յորժամ մեռաւ տէր Կոստանդին Լամբրոնացի կաթողիկոսն, եւ տարան ի Դրազարկն: Իսկ գերեզմանին մէջ եղած նիւթերէն ոմանց մնալը, իւրաքանչիւր նիւթին տոկունութեան հետեւանքն էր, թաղուելէն 60 տարի ետքը դիմանալու չափ: Միայն սքանչելիք կարծուած է ոսկր չի գտնուիլը: Իրաւ ոսկրներն ալ կրնան հողին մէջ փտիլ, այլ դժուարաւ 60 տարուայ միջոցին մէջ, բայց եթէ շատ տկարակազմ եղած ըլլան, ինչ որ չենթադրուիր Բարձրբերդցիին պէս երկարատեւ աշխատութեան դիմացող անձի մը վրայ ( § 1143): Ժամանակակիցներուն մասին ըսուած է, թէ փառք տուին Աստուծոյ, որ առնէ սքանչելիս ի սուրբս ( ՍՄԲ. 139), որոնք թերեւս մարմնոյ վերափոխում մը մեկնած ըլլան: Իսկ մենք անմեկնելի պարագայ մը կը տեսնենք, եւ անհիմն զրոյցի մը արձագանգ կը կարծենք պատմուածը: