Տ.
ԿՈՍՏԱՆԴԻՆ
Գ.
ԿԵՍԱՐԱՑԻ
1245.
ԿԵՍԱՐԱՑԻՆ
ԿԱՏՈՒԿԵՑԻ
ՉԷ
Գրիգոր
Է.
Անաւարզեցի
կաթողիկոսին
մահուընէ
ետեւ
(§
1229),
պէտք
էր
որ
առաջին
գործը
նոր
կաթողիկոսի
ընտրութիւնն
ըլլար,
սակայն
Հեթում-Յովհաննէս
կրօնաւոր-թագաւորահայրը
զայն
յետաձգել
տուաւ,
եւ
նախապէս
աշխատեցաւ
Անաւարզեցիին
հետ
պատրաստուած
ծրագիրին
պաշտօնական
ձեւ
տալ:
Կ՚երեւի
կասկածեցաւ
թէ
իրեն
ոչ-համակիր
կաթողիկոս
մը
կրնայ
ընտրուիլ,
եւ
կանխեց
աթոռոյ
պարապութեան
միջոցին
իր
քաղաքական
ազդեցութիւնը
շահագործել,
եւ
ապագայ
կաթողիկոսութեան
յուսադրութեամբ
Կոստանդին
Կեսարացիի
աջակցութիւնը
ապահովել,
որ
նախապատիւ
դիրք
ունէր
ներկաներուն
մէջ:
Այս
եղաւ
1307
մարտ
19-ին
միօրեայ
ժողովին
նշանակութիւնը,
որուն
վրայ
արդէն
խօսեցանք
(§
1235):
Երբոր
Հեթում
ու
Լեւոն
իրենց
մտադրութիւնը
իրագործուած
կարծեցին,
այն
ատեն
միայն
կաթողիկոսութեան
յաջորդութիւնը
ձեռք
առին,
եւ
կամակատար
եպիսկոպոսներու
ձեռքով,
նոյնիսկ
աւագ
հինգշաբթի
օրը,
1307
մարտ
23-ին,
խորհրդաւոր
պաշտամանց
մէջ
կաթողիկոսական
օծում
կատարեցին
Կեսարացիին
վրայ
(
ԿԱԼ.
452),
որպէսզի
զատիկին
օրը
կաթողիկոս
ունեցած
ըլլան:
Կ՚երեւի
թէ
աւագ
երկուշաբթի
եւ
երեքշաբթի
եւ
չորեքշաբթի
օրերը
պատարագի
կանոն
չըլլալուն`
հինգշաբթի
սպասած
են
օծումին
համար:
Այս
տեղ
ալ
առաջին
անգամ
նկատելիքնիս
Կեսարացի
Կոստանդինին
անձնաւորութիւնն
է,
որ
ինչպէս
կանխած
ենք
ցուցնել
Կատուկեցիէն
տարբեր
մէկ
մըն
է
(§
1169):
Արդէն
զանազան
առիթներով
ալ
մեր
այդ
կարծիքը
լուսաբանեցինք,
Սկեւռայի
սրբարանին
կամ
նշխարանողին
արձանագրութիւնը
բացատրելով
(§
1199),
եւ
Անաւարզեցիին
կողմէ
Սիւնիք
գացող
Կոստանդինին
ինքնութիւնը
ճշդելով
(§
1216),
բայց
այս
տեղ
ուրիշ
բացատրութիւններ
եւս
յարմար
կը
դատենք
աւելցնել:
Սմբատի
շարունակողը
պարզապէս
կը
դնէ.
Մեռաւ
տէր
Գրիգոր
կաթողիկոս,
եւ
դրին
զտէր
Կոստանդին
Կեսարոյ
(
ՍՄԲ.
127),
Կալանոսի
պատմագիրն
ալ
կը
գրէ.
Եդաւ
յաթոռ
կաթողիկոսութիւն
տէր
Կոստանդին
Կեսարացին
հերձուածող
(
ԴԱՎ.
335),
առանց
ուրիշ
յաւելուածի,
եւ
իրեն
կը
հետեւի
Երեւանեցին,
պարզապէս
Տէր
Կոստանդին
հերձուածող
գրելով
(
ՋԱՄ.
17):
Այդ
գրողներէն
առաջինները,
որոնք
ժամանակով
շատ
մօտիկներ
են,
ոչ
Պրօնագործ
կոչուիլը
եւ
ոչ
Կատուկեցի
ըլլալը
կ՚աւելցնեն,
որով
Կոստանդին
Բ.
կաթողիկոսի
հետ
նոյնանձ
ըլլալուն
նշան
չեն
տար:
Առաջինը
մահուանը
առիթով
ալ,
մեռաւ
տէր
Կոստանդին
Կեսարացին
կաթողիկոսն
կը
գրէ
(
ՍՄԲ.
130),
իսկ
երկրորդը
Սսոյ
ժողովին
առթիւ
ալ
երկու
անգամ
կը
յիշէ,
Կոստանդին
մեծ
արքեպիսկոպոսն
Կեսարու
(
ԿԱԼ.
458),
եւ
Կոստանդին
եպիսկոպոս
Կեսարոյ
(
ԿԱԼ.
469),
եւ
բնաւ
ակնարկ
չունի,
թէ
սա
նոյնինքն
երբեմն
կաթողիկոս
եղած
անձն
էր,
ինչ
որ
իր
նպատակին
ոյժ
տալու
համար
կարեւոր
պարագայ
պիտի
ըլլար:
Միւս
կողմէն
Օրբելեան
մեզի
մատնանիշ
կ՚ընէ,
Կոստանդին
եպիսկոպոս
Կեսարու
անունով`
Անաւարզեցիէն
նուիրակ
եկող
անձը
(
ՕՐԲ.
Բ.
196),
որ
անհնար
է
թէ
նախկին
կաթողիկոս
Կատուկեցին
ըլլար
(§
1216):
Հետեւաբար
Անեցիին
շարունակողին
յաւելուածը,
որ
է
նոյն
Պրօնգործն
Կատուկեցի,
աքսորեալն
ի
Հեթմոյ
(
ՍԱՄ.
155),
բոլորովին
անհիմն
եւ
ինքնահնար
բացատրութիւն
մըն
է,
զոր
պատմական
պահանջը,
եւ
ժամանակագրական
համեմատութիւնն
ալ
չի
կրնար
ոչ
մի
կերպով
յարմարցնել
գործոց
ընդհանուր
ընթացքին
հետ:
Եթէ
երբեք
Կեսարացին
նոյն
ինքն
Կատուկեցին
ըլլար,
արդէն
գործի
գլուխ
անցած
եւ
Սսոյ
ժողովին
մէջ
նախաթոռ
բազմած
վայրկեանէն,
իբր
կաթողիկոս
ճանչցուած
պիտի
ըլլար,
եւ
ոչ
ալ
հնար
պիտի
ըլլար
արդէն
օծեալ
կաթողիկոսը
ժողովէն
ետքը
կրկին
օծել:
Այդ
դիտողութիւնները
մեզի
համար
այնպէս
վճռական
են,
որ
չենք
կրնար
ըմբռնել,
թէ
ինչպէս
Չամչեան
մտադրութիւն
չէ
ունեցած
այդ
կէտին,
եւ
երկրորդած
է
Անեցիի
շարունակողին
յաւելուածը
(
ՉԱՄ.
Գ.
311),
եւ
իրեն
հետեւած
է
Շահխաթունեան
(
ՇԱՀ.
Ա.
207),
Անաւարզեցին
շարքին
դուրս
ձգելու
չափ,
ինչպէս
շատերու
հետ,
նաեւ
Ալիշան
(
ՍԻՍ.
557),
եւ
Մխիթարեան
(
ԱԲԼ.
133)
եւ
Մովսիսեան
(
ՄՈՎ.
221):
Իսկ
Զամինեան
վերջերս
ընդունած
է
տարբերութիւնը
(
ԶԱՄ.
Ա.
257),
զոր
մենք
կանուխէն
հրատարակութեան
տուած
էինք
(99.
ԱՐՐ.
494,
եւ
09.
ԼՈՒ.
ՆՈՅ.
46),
եւ
կը
կարծենք
թէ
այդ
կէտը
այլեւս
խնդրոյ
նիւթ
չի
կրնար
ըլլալ:
1246.
ԿԵՍԱՐԱՑԻԻՆ
ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆԸ
Կոստանդին
Կեսարացին,
եւ
ոչ
եւս
Կատուկեցին,
կրնայ
իրաւամբ
կոչուիլ,
առաջին
աղթամարայ
ի
Սիս
(
ՍԱՄ.
152),
վասնզի
նա
առաջին
անգամ,
թէ
ոչ
կատարեալ,
գոնէ
կէս-պաշտօնական
ձեւով`
հռոմէադաւանութեան
հետեւող
մը
եղած
է:
Արդէն
Սիւնիքի
պատգամաւորութիւնը
կատարած
ժամանակէն,
Անաւարզեցիին
կատարեալ
համամիտ
մը
յայտնուած
էր,
երբ
անոր
ծրագիրը
յաջողցնելու
համար
Ստեփանոս
Օրբելեանի
մօտ
կ՚երթայ,
եւ
ոչ
կամեր
յանձն
առնուլ
զտարումն
պատասխանի
թղթոյն
(
ՕՐԲ.
Բ.
196),
որ
իրեն
միտքին
համաձայն
չէր:
Հաւանաբար
նոյն
ինքն
էր
վերջին
երեք
պատգամաւորութիւնները
կատարողը
(§
1216),
եւ
վերջէն
Սսոյ
ժողովին
մէջ
նախաթոռութիւն
վարելով,
նոյն
ծրագիրին
պաշտօնական
ձեւ
տալու
աշխատած
էր
(§
1235):
Անաւարզեցին
որչափ
եւ
հետամուտ,
միշտ
ժողովի
պէտք
կը
զգար,
իսկ
ժողով
չկրցաւ
կազմել
(§
1229),
եւ
անձնապէս
ինչ
ալ
խորհած
կամ
ծածուկ
գործադրած
ըլլար,
իր
միտքը
ո'չ
պաշտօնապէս
հռչակեց,
եւ
ո'չ
յայտնապէս
գործադրեց:
Կեսարացին
եղաւ,
որ
Սսոյ
որոշումները
իրեն
ուղեգիծ
ընդունեցաւ:
Գրուած
է,
թէ
թագաւորն
Լեւոն,
եւ
թագաւորահայրն
Հեթում,
այլ
եւ
իշխանքն
Հայոց,
խնդրեցին
ի
սմանէ,
զի
նովիմբ
կանոնիւս
առաջնորդեսցէ
նոցա
անխափան
(
ԿԱԼ.
452):
Սակայն
խնդրելու
իսկ
պէտք
չկար,
զի
Կեսարացին
կազմ
պատրաստ
էր
պաշտպան
կանգնիլ
Սսոյ
ժողովի
որոշումներուն,
որ
գրեթէ
իր
գործը
եղած
էին:
Միայն
դիտելու
է,
որ
պալատականներն
են
Սսոյ
գործին
բուն
պաշտպան
կանգնողներ,
եպիսկոպոսներու
խօսքը
չկայ
այլ
եւս:
Սսոյ
ժողովին
ամենաջերմ
պաշտպաններն
ալ
կը
խոստովանին,
թէ
եպիսկոպոսներ
չհամարձակեցան
ամէն
տեղ
գործադրութեան
մտցնել
անոր
կանոնները,
թէ
վանքերու
մէջ
ինկաւ
շշջիւն
մեծ,
եւ
ժողովուրդին
մէջ
աղմուկ
շփոթի,
եւ
Սսոյ
կանոնները
ունեցան
խափանումն
գործածութեան,
եւ
թէ
անոնք
ոչ
ուրեք,
բայց
եթէ
ի
Սիս
միայն
կը
պահուէին,
եւ
քրթմնջիւն
կը
տարածուէր
ամենուրեք,
եւ
թշնամութիւններ
կը
զօրանային
Հեթումի
եւ
Լեւոնի
եւ
Կոստանդինի
դէմ
(
ՉԱՄ.
Գ.
311):
Կոստանդին
Արեւելեաններուն
ալ
յանձնարարութիւններ
ըրաւ
Սսոյ
ժողովին
որոշմանց
համակերպելու,
Գրիգոր
եպիսկոպոս
մը
կամ
վարդապետ
մը
նուիրակ
հանելով,
սակայն
Յովհաննէս
Օրբել`
Սիւնեաց
մետրապոլիտ,
եւ
Ստեփանոս
եպիսկոպոս
եւ
Դաւիթ
եւ
Եսայի
վարդապետներ,
այլսն
ամենայն
վարդապետօք
եւ
վանօրէօք,
չընդունուեցան
եւ
կաթողիկոսին
բացատրական
նամակ
ալ
գրեցին,
գլխաւորապէս
բաժակի
ջուրին
եւ
Ծնունդի
տօնին
վրայ
ծանրանալով
(
ՏԱՇ.
182):
Կաթողիկոսին
անունը
լոկ
Կոստանդին
է
յիշուած,
որ
նոյն
ինքն
Կեսարացին
է,
զոր
Տաշեան
ալ
տարածուած
թիւրմացութեան
հետեւելով
Կատուկեցի
Պրօնագործին
վրայ
կը
մեկնէ
(
ՏԱՇ.
1103):
Վերեւ
Սսոյ
ժողովին
զօրութիւնը
բացատրած
ատեննիս
յայտնեցինք
անոր
ներքին
թերութիւնները,
եւ
հեղինակաւոր
ժողով
մը
եղած
չըլլալը
ցուցուցինք
(§
1235),
հետեւանքներն
ալ
կը
հաստատեն
թէ
մեռեալ
տառ
եղան
անոր
որոշումները,
որով
ոչ
միայն
ի
նախընթացէն,
այլ
եւ
ի
հետեւորդէն
անզօր
եւ
աննշանակ
եղած
ըլլալը
կ՚ապացուցուի:
1247.
ՀԵԹՈՒՄ
ԵՒ
ԼԵՒՈՆ
Սակայն
այս
անպէտ
ձեռնարկները
չարագուշակ
հետեւանքներ
առաջ
բերին
ազգին
վրայ:
Թաթարներու
եւ
Եգիպտացիներու
թշնամութիւնները
վերջացած
չէին,
եւ
առաջինները
պէտք
ունէին
միշտ
իրենց
սահմաններուն
վրայ
հսկել,
եւ
Եգիպտացիներուն
դիմադրել
Հայերու
նիզակակացութեամբ:
Երբոր
Սիսի
մէջ
կաթողիկոսական
եւ
ժողովական
գործողութիւնները
կը
կատարուէին,
Թաթարներու
նոր
գունդ
մը
կը
ղրկուէր
Ղարբանթա
խանին
կողմէ
(§
1227),
Պիլարղու
կամ
Բիլարղու
զօրավարի
մը
հրամանատարութեամբ
(
ԴԱՐ.
24.
),
որ
ըստ
այլոց
Կիլիկիոյ
մօտերը
նստող
Թաթար
բանակին
զօրապետն
էր
(
ՉԱՄ.
Գ.
311):
Թաթարներ
եւ
Հայեր
իրարու
բարեկամ
եւ
նիզակակից
էին,
եւ
Պիլարղու
Հայոց
թագաւորութեան
թշնամի
չէր
կրնար
ըլլալ,
հետեւաբար
իբր
անլուծանելի
առեղծուած
մը
կը
մնայ`
Պիլարղուի
եւ
Հայերուն
մէջ
ծագած
թշնամութիւնը,
դաւաճանութեան
հասնելու
չափ:
Հեթումի
ժամանակագրութեան
վերջը
գրաւած
յաւելուածական
ծանօթութիւնը,
որ
Հեթումի
չի
կրնար
ըլլալ,
դաւով
սպանան
ի
գիշերի
կ՚ըսէ,
առանց
պատճառ
ցուցնելու
(
ՀԵԹ.
86):
Սիսի
մէջ
Թաթարներուն
կողմէ
մզկիթ
մը
շինելու
Հայոց
ընդդիմութիւնը
ցուցնելը
(
ՍԻՍ.
222),
այդպիսի
մեծ
դաւաճանութիւն
գրգռելու
պատճառ
չէր
կրնար
ըլլալ:
Անեցիին
շարունակողը
Պիլարղուի
կը
վերագրէ
Հայերը
խորամանկութեամբ`
իբրեւ
ի
խորհուրդ
առ
ինքն
կոչած
ըլլալու
դաւաճանութիւնը,
եւ
կը
յաւելու,
թէ
երբ
Հայերը
հասան`
յարեաւ
ի
վերայ
եւ
եսպան
զամենեսին:
Իսկ
թշնամութեան
պատճառ
կը
ցուցնէ
թէ
կամէր
զԿիլիկիա
յինքն
յափշտակել
(
ՍԱՄ.
156),
Դարդէլ
ալ
Անարզաբան
գրաւելու
նպատակը
մէջտեղ
կը
դնէ,
բայց
ոչ
թէ
Հայերը
առ
ինքն
կոչելով,
այլ
սնտուկներու
մէջ
հարիւր
զինեալներ
դնելով,
եւ
սնտուկները
իբրեւ
ընծայ
ներս
մտցնելով,
բերդին
մէջ
սպաննուած
կ՚ըսէ
Հայերը
(
ԴԱՐ.
24):
Մեր
տեսութեամբ
Թաթար
զօրավարը
բարեկամ
թագաւորութիւն
մը
ջնջելու
նպատակ
չէր
կրնար
ունենալ,
իսկ
Դարդէլի
գրած
ձեւը
պարզ
զրոյց
մը
կ՚երեւի,
որուն
վրայ
ուրիշներ
ակնարկ
չունին:
Այդ
շփոթ
տեղեկութեանց
վրայ
Չամչեան,
Պիլարղուն
յառաջագոյն
ոխացեալ
կ՚ըսէ,
առանց
ծագումը
պարզելու,
եւ
վերջէն
գրգռուիլը
Սսոյ
կանոններուն
պատճառով
սաստկացեալ
ատելութեանց
եւ
իշխանաց
ոմանց
քսութեան
կը
վերագրէ
(
ՉԱՄ.
Գ.
257),
մինչ
Տէրմիքէլեան
այդ
տեսակ
մեկնութիւնը
չարամիտ
թելադրութիւն
կը
կարծէ
(
ՍԱՄ.
229):
Մենք
դժուարութիւն
պիտի
չզգանք
ընդունիլ,
թէ
կրօնական
վէճեր
եւ
կրօնապէս
վիրաւորեալ
խիղճեր
կրնան
ամէնէն
ծանր
ձեռնարկներու
դիմել,
եւ
անկէ
չափել
Սսոյ
կանոններու
դէմ
Հայ
խիղճերու
մէջ
զգացուած
զայրոյթը:
Պիլարղուն
Հեթումի
եւ
Լեւոնի
դէմ
գրգռողներ
եղան
միայն
ոմանք,
անձնական
ատելութիւն
խառնելով
գործին,
զի
անոնց
երկուքին
սպանութիւնը
կնճիռը
վերջնականապէս
չէր
կրնար
ջնջել,
քանի
որ
Կեսարացին
տակաւին
կաթողիկոս
կը
մնար,
եւ
Հեթումի
ու
Լեւոնի
կը
յաջորդէին
Օշին
ու
Ալինախ:
Հետեւաբար
չկրնալով
վերջապէս
փարատել
այդ
չարագուշակ
գործողութիւնը
պատող
քօղը,
պիտի
գոհանանք
ընդունիլ,
թէ
Պիլարղու
նենգութեամբ
իրեն
մօտ
հրաւիրեց
Լեւոն
թագաւորը
եւ
Հեթում
թագաւորահայրը`
իրենց
իշխաններով,
եւ
անոնց
հասնելուն
անխնայ
սպաննել
տուաւ
երկուքը,
ու
40
հոգի
ալ
մէկտեղ
եկող
իշխաններէն:
Սպանութիւնը
կատարուած
է
ի
ստորոտն
Անարզաբու
դղեակին,
1307
նոյեմբեր
17-ին
(
ՀԵԹ.
86),
որ
այն
տարի
Յիսնակաց
բարեկենդանին
նախընթաց
ուրբաթն
էր,
թէպէտ
Յայսմաւուրքը
նոյեմբեր
16-ին
կը
դնէ
(
ՅԱՍ.
Բ.
240):
Սսոյ
ժողովէն
միայն
8
ամիս
անցած
էր:
1248.
ՀԵԹՈՒՄԻ
ՆԿԱՐԱԳԻՐԸ
Հեթումի
եղերական
մահը,
եթէ
երբեք
նախանձայոյզ
Հայերու
գրգռութեամբ
եղաւ,
պէտք
կ՚ըլլայ
ցաւիլ,
որ
զոհ
գնաց
իր
մոլեռանդ
լատինասիրութեան,
որով
ոչ
մի
օգուտ
կրցաւ
պատրաստել
իրեններուն,
այլ
մանաւանդ
խանգարեց
ազգային
եկեղեցին,
վտանգեց
ազգային
թագաւորութիւնը,
եւ
իրեն
ալ
օգուտ
մը
չպատրաստեց:
Իրաւ
հոգեւորութեան
նուիրուած
անձ
կ՚երեւար,
բայց
իր
հոգեւորութիւնն
ալ
առեղծուածային
զգացում
մըն
էր,
քանի
որ
ոչ
աշխարհքէ
կը
հեռանար,
եւ
ոչ
իշխանութենէ
ձեռք
կը
քաշէր,
կրօնաւորի
սքեմով
արքունիք
կը
նստեր,
եւ
կրօնաւորական
գօտիէն
պատերազմողի
սուրը
կը
կախէր:
Լատիններ
զինքն
երանելի
(Beatus)
աստիճանով
պատուած
են,
որ
Յարգելի
(Venerabilis)
աստիճանէն
վեր
եւ
Սուրբ
(Sanctus)
աստիճանէն
վար,
սրբութեան
միջին
աստիճան
կը
նկատուի
լատինական
ծիսակատարութեան
օրէնքով:
Իբր
անոր
շփոթ
կացութեան
նշանակ`
նկարներու
մէջ
կրօնաւորական
սքեմին
վրայ
արքունական
կնգմենին
կ՚աւելցնեն
(
ՀԱՅ.
516),
եւ
կրօնաւորի
մը
ձեռքը
սուր
ու
նիզակ
տալով
(
ՀԱՅ.
Բ.
520),
անոր
տարօրինակ
եւ
առեղծուածային
կեանքը
կը
պատկերացնեն:
Իրաւ
ալ
ոչ
թէ
կեանքովը,
այլ
եւ
զգացումներով
տարօրինակ
անձնաւորութիւն
կը
ներկայանայ
Հեթում-Յովհաննէս,
անթագ
թագաւորը,
կրօնաւոր
թագաւորահայրը,
եւ
առանց
վանքի
վանականը:
Անորոշ
կը
մնայ
թէ
քաղաքական
նպատակն
էflր
զինքն
ոգեւորողը,
որով
Լատինաց
միաբանութենէն
զինուորական
օժանդակութիւն
կը
սպասէր,
թէ
ոչ
եկեղեցական
նպատակն
էflր,
որ
բոլոր
եկեղեցիներու
հետ
միութեան
բարիքը
կ՚երազէր,
կամ
թէ
պարզ
հոգեւորական
նպատակ
մըն
էflր,
որով
հռոմէական
դաւանութեան
մէջ
յաւիտենական
փրկութիւն
կը
սպասէր:
Հնար
չէ
որոշակի
բան
մը
քաղել
իր
գործերէն
եւ
իր
ընթացքէն,
որովհետեւ
իր
գործերը`
այս
նպատակներէն
եւ
ոչ
մէկուն
բոլորապտուղ
ուղղուած
կը
տեսնուին,
այլ
խառնուրդ
մըն
են
ամէն
տեսակ,
նոյնիսկ
իրարու
անյարիր
դիտումներու:
Ուստի
կը
միտինք
ըսել,
թէ
վարանոտ
միտք
մըն
էր`
որ
զայն
կը
ներշնչէր,
եւ
ոչ
մէկ
կէտի
վրայ
հաստատապէս
կը
կանգնէր,
այլ
յարափոփոխ
կը
ձգտէր
ուր
որ
առժամապէս
նշոյլ
մը
կը
տեսնէր:
Այլ
ոչ
մի
ուղղութեան
տիրապէս
չէր
ծառայեր:
Իրմէ
մնացած
միակ
գրաւոր
յիշատակ,
աստուածաշունչի
մը
ինքնագիր
յիշատակարանը
կայ
(
ՀԱՅ.
517-520),
որ
զգայուն
բարեպաշտութեան
հետ
եռանդուն
ազգասիրութեան
արձագանգներ
ունի:
Միւս
կողմէն
արքունիքը
ձգելով
վանք
քաշուիլն
ալ
իր
նշանակութիւնը
կը
կորսնցնէ,
երբ
թագին
հետամուտ
եղբայրները
կ՚աքսորէ
եւ
թագաւորութեան
անունը
անչափահաս
տղու
մը
յանձնելով,
գործը
իրեն
կը
պահէ
(§
1214):
Շատ
աւելի
մեծ
մարդ
պիտի
ըլլար
նա,
եթէ
Հեթում
Բ
թագաւոր
մնար,
եւ
կատարելապէս
իր
արքունական
եւ
պետական
պարտաւորութեանց
հետեւէր,
եւ
լատին
կրօնաւոր
Եղբայր
Յովհաննէս
եղած
չըլլար:
Լեւոն
Դ
թագաւորին
գալով,
շատ
բան
չունինք
ըսելիք:
Անունը
իբրեւ
թագաւոր
յիշուեցաւ,
եւ
նշանաւոր
գործերու
կցուեցաւ,
բայց
անձնական
արդիւնք
եւ
արժանիք
չկրցաւ
ունենալ,
եւ
12
տարեկան
անգիտակից
կերպով
գահ
բարձրանալէ
ետք,
առանց
կրօնաւոր
հօրեղբօրը
ազդեցութենէն
ազատելու,
18
տարեկան
եղերական
մահուամբ
վախճանեցաւ:
1249.
ՕՇԻՆ
ԵՒ
ԱԼԻՆԱԽ
Ոմանք
կը
պատմեն,
թէ
Հեթումի
եղբայր
եւ
Լեւոնի
հօրեղբայր
Օշինն
ալ
միւս
իշխաններուն
հետ
Պիլարղուի
ձեռքը
ինկած,
եւ
զօրավարի
մը
պաշտպանութեամբ
ազատած
ըլլայ
(
ՍԻՍ.
550):
Բայց
հաւանակագոյն
կ՚երեւի
ուրիշի
պատմածը,
թէ
Հեթում
ոչ
տարաւ
ընդ
իւր
զեղբայրն
իւր
զՕշինն,
ինչ
որ
ի
խնամոցն
Աստուծոյ
յաջողութիւն
մը
եղաւ:
Վասնզի
Օշին,
եղելութիւնը
իմացածին
պէս,
իսկոյն
Կապանի
բերդէն
եկն
ի
բերդն
Սսոյ,
եւ
Հայ
իշխաններուն
ու
անոնց
գունդերուն
գլուխն
անցնելով,
Պիլարղուի
վրայ
յարձակեցաւ,
որ
չկրցաւ
դէմ
դնել
եւ
պարտաւորուեցաւ
Անարզաբայէ
ու
Կիլիկիայէ
հեռանալ:
Օշին
անտէրունջ
թագաւորութեան
տէր
կանգնեցաւ
եւ
Կիլիկիոյ
կառավարութիւնը
ստանձնեց,
բայց
թագաւոր
հռչակուիլն
ու
օծուիլը
յետաձգեց
(
ՍԱՄ.
156):
Միջադէպը
կրնար
ծանր
հետեւանքներ
ունենալ,
եւ
Հայերու
ու
Թարթարներու
մէջ
եղող
բարեկամ
յարաբերութիւնները
եղծանել,
ինչ
որ
Հայերուն
վրայ
փորձանքներ
ալ
կրնար
հրաւիրել,
քանի
որ
Եգիպտացիներէն
նեղուած
ու
Լատիններէն
լքուած
էին:
Ուստի
կացութիւնը
պարզելու
համար,
երբ
Օշին
զօրութեամբ
կը
գործէր,
եղբայրը
Ալինախ
կը
շտապէր
Դավրէժ`
մեծ
խանին
առջեւ
իրողութիւնը
լուսաբանելու,
եւ
վտանգին
առջեւն
առնելու
համար:
Պատգամաւորութիւնը
յաջող
ելք
ունեցաւ,
զի
Ալինախ
կրցաւ
հաստատել
Պիլարղուի
նենգութիւնը
բարեկամ
Հայերու
դէմ,
եւ
կ՚արդարացնէր
Հայերու
ինքնապաշտպանութեան
իրաւունքը
Պիլարղուի
դէմ,
եւ
Ղարփանթա
կատարելապէս
համոզուելով,
Պիլարղուն
մահուան
կը
դատապարտէր
(
ՍՄԲ.
127),
մինչեւ
իսկ
Ալինախը
կը
ստիպէր
իր
ձեռքով
սպաննել
իրենց
թշնամին
(
ԴԱՐ.
26):
Արդարութիւնը
ամբողջութեամբ
տեղը
տանելու
համար
ալ,
Ալինախի
կը
յանձնէր
նաեւ
զվճար
անմեղացն
(
ՍՄԲ.
127),
որ
է
սպանեալներուն
արեան
գինը,
իսլամական
օրէնքին
համեմատ:
Երբոր
Ալինախ
յաջողութեամբ
կը
դառնար,
եւ
ամէն
վախ
ու
կասկած
կը
փարատուէր,
այն
ատեն
միայն
Օշին
թագաւորական
օծում
կ՚ընդունէր
Կեսարացիին
ձեռքէն,
եւ
Կիլիկիոյ
պետութեան
տէրը
կը
դառնար:
Հանդէսը
կը
կատարուէր
Տարսոնի
մէջ
1308-ին
(
ՍՄԲ.
127),
եւ
թէպէտ
օրը
նշանակուած
չէ,
սակայն
տարւոյն
առջի
ամիսները
պէտք
է
դնել,
որովհետեւ
Ալինախի
պատգամաւորութիւնը
հազիւ
երկու
ամսուան
մէջ
կրնար
վերջանալ,
եւ
հանդէսը
կատարուիլ
մեծպահքէ
առաջ,
քանի
որ
նոյն
տարին
փետրուար
25-ին
կ՚իյնար
Բուն
Բարեկենդանը:
Դարդէլ
կը
կարծէ
թէ
թագաւորութիւնը
Ալինախի
կ՚իյնար,
եւ
անոր
չեւ
կապեալ
զթագն
եւ
անզաւակ
մեռնելովը
թագաւորեց
Օշին,
որ
եօթներորդն,
այսինքն
կրտսերագոյնն
էր
իր
եղբայրներուն
մէջ,
զորս
Հեթումի
որդիներ
կը
կոչէ
շփոթութեամբ,
փոխանակ
Լեւոն
Գ-ի
որդիներ
ըսելու
(
ԴԱՐ.
):
Սակայն
Դարդէլ
այդ
պարագաներուն
մէջ
ալ
կը
սխալի,
որովհետեւ
Ալինախ
ներկայ
եղած
է
Ատանայի
ժողովին
Օշին
թագաւորի
հետ
(
ԿԱԼ.
504),
եւ
մահն
ալ
շատ
տարիներ
ետքը
տեղի
ունեցած
է,
1317-ին
(
ՍԱՄ.
156):
Օշին
եւ
Ալինախ
երկւորեակներ
ծնած
են
1283-ին
(
ՍԻՍ.
556),
բայց
երկւորեակներու
մէջ
ալ
առաջնութիւն
կը
ճշդուի,
եւ
այս
կերպով
նախադասուած
է
Օշին
իր
եղբօրը
վրայ,
եւ
25
տարեկան
թագաւոր
օծուած:
1250.
ՕՇԻՆԻ
ԸՆԹԱՑՔԸ
Օշին
կրօնական
գործերու
մէջ
կատարելապէս
իր
եղբօրը
Հեթում-Յովհաննէսին
հետեւողն
էր,
եւ
թերեւս
անկէ
աւելի
բուռն
ու
մոլեռանդ,
իր
տարիքին
եւ
բնաւորութեան
բերմամբ:
Զինքն
աւելի
գրգռելու
պատրաստ
էր
Կոստանդին
Կեսարացին,
նա
ալ
Անաւարզեցիէն
աւելի
իր
գործերուն
մէջ
խիզախ,
քանի
որ
կը
կարծէր
թէ
նորութիւնները
ոչ
եւս
ծրագիր
մնացած,
այլ
Սսոյ
ժողովով
կանոնի
ոյժ
ստացած
էին,
եւ
թէ
իբր
պարտաւորիչ
կրնար
ստիպել
իր
ժողովուրդը
անոնց
համակերպիլ:
Սակայն
ժողովուրդը
ու
եկեղեցականութիւնը
չունէր
այն
լատինասէր
զգացումը,
զոր
կաթողիկոս
ու
թագաւոր
ձեռք
ձեռքի
տուած
կ՚աշխատէին
տարածել,
եւ
Կալանոսի
պատմագիրն
ալ
կը
խոստովանի,
թէ
սկսան
հերձուածողք
ոմանք
հակառակիլ
նոյն
կանոնին,
եւ
այնպէս
խռովէին
զժողովուրդն,
մինչ
զի
կրկին
անգամ
լուծեալ
լինէր
միաբանութիւնն
այն
(
ԿԱԼ.
472):
Հոգ
չէ
թէ
նա
հակառակողները
հերձուածող
կոչէ
իր
միտքով,
մեզի
բաւական
է
որ
խոստովանի
թէ
լուծեալ
եղեւ
միաբանութիւնն
այն,
որ
ուրիշ
բացատրութեամբ
կը
նշանակէ,
թէ
Սսոյ
ժողովին
մէջ
հաստատուած
հռոմէադաւանութիւնը,
արդիւնք
եւ
գործադրութիւն
չունեցաւ
եւ
չեղեալ
նկատուեցաւ:
Արդ
եթէ
այս
էր
հետեւանքը,
ապա
հակառակորդները
միայն
ոմանք
չէին,
այլ
ընդհանուր
էր
դիմադրութիւնը:
Եւ
այն
ոչ
միայն
անհատական
կերպով
եւ
կամ
խօսքով,
այլ
յայտնի
ցոյցերով
եւ
բուռն
դիմադրութեամբ:
Զի
ժողովուրդը
եւ
եկեղեցականները
Կոստանդինի
եւ
Օշինի
բռնած
կերպերէն
զայրացած,
ձայն
տուին
իրարու,
եւ
հաւաքուեցան
Ատանայի
մէջ
1308-ին,
եւ
մերժեցին
Սսոյ
ժողովին
նորութիւնները
ժողովական
ձեւակերպութեամբ:
Թագաւոր
եւ
կաթողիկոս
չուզեցին
նշանակութիւն
տալ
բողոքին
եւ
իրենց
ընթացքը
շարունակեցին,
եւ
այս
անգամ
բողոքը
աւելի
ուժգնութեամբ
կրկնուեցաւ
Սիսի
մէջ
1309
տարին
(
ՍԱՄ.
156),
ուր
ժողովեցան
բազմութիւն
աբեղայից
եւ
կրօնաւորաց
եւ
սարկաւագաց,
այլ
եւ
վարդապետք
եւ
եպիսկոպոսք
եւ
բազմութիւնք
ժողովրդոց,
արանց
եւ
կանանց,
ծերք
եւ
տղայք:
Հաւաքուած
բազմութիւնը
կը
բողոքէր
եւ
կը
գոչէր,
վասն
ոչ
առնլոյ
յանձն
արկանել
ջուր
ի
սուրբ
խորհուրդն,
եւ
վասն
այլ
եւս
նորաձեւ
օրինացն
(
ՍԱՄ.
156):
Մասնաւոր
ակնարկներէ
կը
քաղուի,
թէ
ոչ
միայն
ժողովրդականք
բազում
ամբոխ
յարուցին
եւ
աղմուկ
շփոթման
արկին
(
ԿԱԼ.
474),
այլ
եւ
եկեղեցականներ
ժողովական
նիստ
կազմեցին,
հարկաւ
առանց
կաթողիկոսի,
կանոնեցին
կանոնս
եւ
գրեցին
սահմանս,
գլխաւորապէս
պնդելով
յերիս
այսոսիկ
ոչ
առնել
հաղորդութիւն
ընդ
այլ
եւս
քրիստոնեայսն,
որոնք
են,
բաժակին
ջուրը,
Ծնունդին
տօնը,
եւ
երկու
բնութիւն
բանաձեւը
(
ԿԱԼ.
476):
Մենք
ալ
չենք
ուզեր
կանոնական
ժողովի
զօրութիւն
տալ
յիշեալ
գործողութեան,
սակայն
անուրանալի
է
ազգային
խիղճին
բողոքին
նշանակութիւնը,
եւ
հայադաւան
ժողովուրդին
ինքնապաշտպանութեան
ազդեցութիւնը:
1251.
ՕՇԻՆԻ
ՋԱՆՔԵՐԸ
Այդ
ցոյցերը
կը
ցնցեն
կաթողիկոսն
ու
թագաւորը,
որոնք
իրարու
հետ
խորհրդակցութեամբ,
եւ
իշխաններէն
իրենց
համամիտներն
ալ
թիկունք
առնելով,
բուռն
զօրութեամբ
կ՚ուզեն
զսպել
ժողովուրդին
ձայնը:
Կ՚երեւի
թէ
զինուորական
ոյժ
ալ
գործածուած
է
հաւաքուած
եւ
ցուցարար
ժողովուրդին
դէմ,
որովհետեւ
գրուած
է,
թէ
Օշին
եսպան
յարանցն
եւ
ի
կանանցն
զբաղումս,
որ
աւելի
զինուորական
շարժումներու
հետեւանք
կը
կարծուի,
քան
թէ
հրամանով
եղած
մահապարտութիւններ,
մինչեւ
կիներու
վրայ
տարածուած:
Շարժումին
գլուխները,
այսինքն
զվարդապետսն,
կալեալ
էարկ
ի
բանտ
ի
բերդն,
իսկ
զաբեղայսն
էարկ
ի
նաւ,
եւ
առաքեաց
յաքսորս
ի
Կիպրոս
կղզին,
ուր
թագաւորած
էր
Օշինի
քեռայրը
Ամաւրի,
իր
Հենրիկոս
եղբայրը
գահէն
վտարելով,
եւ
Կիլիկիա
ղրկելով
Օշինի
պահպանութեան
էր
յանձնած:
Այս
կերպով
Ամաւրի
ալ
Օշինի
հակառակորդ
եկեղեցականները
պահած
պիտի
ըլլար,
անկէ
գտած
օգնութեան
փոխարէն:
Այսպէս
վերջացաւ
Սսոյ
ցուցարար
հաւաքումը,
որ
չկրցաւ
իրաւ
Կոստանդինն
ու
Օշինը
իրենց
ճամբէն
ետ
կեցնել,
բայց
բաւական
եղաւ
շեշտել
հայադաւան
ուղղութեան
եւ
հնաւանդ
սովորութեանց
անխախտ
պահպանութիւնը:
Սսոյ
1307-ի
կանոնները
հազիւ
թէ
Սսոյ
արքունիքին
մէջ
գործադրուած
մնացին,
եւ
գրեթէ
բոլոր
Կիլիկիա
իր
հայրերուն
շաւիղին
վրայ
կը
քալէր,
իսկ
Հայաստան
եւ
ոչ
իսկ
կարեւորութիւն
կ՚ընծայէր
հռչակուած
նորութեանց:
Պատմութիւնը
կը
վկայէ,
թէ
աքսորեալներէն
բազումք
անդէն
մեռան
Կիպրոսի
մէջ
(
ՍԱՄ.
156),
հարկաւ
նեղութեանց
ալ
ենթարկուած
ըլլալով:
Անշուշտ
միեւնոյն
վախճանն
ունեցան
Կիլիկիոյ
մէջ
բանտարկուած
վարդապետներն
ալ,
որոնցմէ
քանիները
Օշին
մատնեաց
գաղտ
ի
մահ,
նոյնիսկ
հռոմէադաւաններու
խոստովանութեամբ
(
ՉԱՄ.
Գ.
312):
Այդ
տգեղ
եղելութիւնները,
զորս
հռոմէադաւաններն
ալ
չեն
համարձակիլ
ուրանալ,
շատ
պերճախօս
կերպով
կը
դատապարտեն
Կոստանդինի
եւ
Օշինի
բռնած
ընթացքը,
եւ
ի
դէպ
է
անձերէն
ալ
բարձրանալով,
դատապարտութիւնը
տարածել
նոյնիսկ
դրութեան
վրայ:
Թերեւս
հռոմէականներուն
աչքին
շատ
տգեղ
չ՚երեւին
Սիսի
մէջ
կատարուած
բռնութիւնները,
քանի
որ
իրենք
աւելի
մեծ
ու
եղեռնագործ
բռնութիւններ
ունին
Արեւմուտքի
մէջ
կատարուած`
հաւատաքննական
ատեաններուն
ձեռքով:
Սակայն
մենք
չենք
կրնար
իրենց
ձայնակից
ըլլալ,
ու
բացարձակ
կերպով
կը
մեղադրենք
կատարուած
բռնութիւնները:
Ասկէ
ալ
աւելի
կարեւոր
է
դիտել
տալ,
թէ
այս
գործերով
բնաւ
չի
հաստատուիր
Հայ
եկեղեցւոյ
հայադաւանութենէ
հեռանալը
ու
հռոմէադաւանութեան
դառնալը,
քանի
որ
Սսոյ
կանոնները
ոչ
թէ
ոմանց,
այլ
հանրութեան
կողմէն
կը
մերժուին,
եւ
նոյն
ինքն
հռոմէականք
կը
խոստովանին,
թէ
ոչ
ոք
յառաջնորդաց
իշխեաց
այնուհետեւ
պահել
իւիք
զկանոնս
Սսոյ,
այլ
միայն
նոքա`
որք
էին
ի
կաթողիկոսարանի
եւ
յարքունիսն
(
ՉԱՄ.
Գ.
313):
Իսկ
թագաւորի
մը
եւ
կաթողիկոսի
մը
անհատական
գործերը,
եկեղեցւոյ
լրումը
չեն
ներկայացներ
երբեք:
1252.
ԺԱՄԱՆԱԿԻ
ԴԷՊՔԵՐ
Ներքին
եւ
արտաքին
յուզումներու
ալեկոծ
միջոց
մըն
է
Կեսարացիին
կաթողիկոսութեան
եւ
Օշինի
թագաւորութեան
ժամանակը:
Որչափ
արտաքին
վտանգներ
կը
շատնան,
այնչափ
աւելի
երկուքն
ալ
լատինութեան
կը
փարին,
եւ
որչափ
աւելի
լատինութեան
կը
փարին,
այնչափ
աւելի
ներքին
յուզմունքները
կը
շատցնեն
եւ
երկիրը
արտաքին
վտանգներու
կ՚ենթարկեն:
Օշին
շարունակ
դեսպանութիւններ
կը
ղրկէր
պապին`
որ
էր
Կղեմէս
Ե.
եւ
Անգղիոյ
թագաւորին,
որ
էր
Եդուարդ
Բ.,
բայց
պապէն
իբր
օգնութիւն
վեց
Փրանկիսկեան
կրօնաւորներ
միայն
կ՚ընդունէր
1311-ին
(
ՍԻՍ.
557),
խորհրդատու
ըլլալու,
պետական
գործերու
առաջնորդելու,
կամ
լաւ
եւս
լատինամոլութիւնը
ամրացնելու.
իսկ
լաւ
եւս
լատինամոլութիւնը
ամրացնելու.
իսկ
Անգղիայէ
լոկ
յուսադիր
նամակներ`
երեւակայեալ
օգնութեանց
մասին:
Լատինաց
մերձաւորութեան
հետեւանքներ
էին
նաեւ
աշխարհականներուն
առեւտրական
նպատակով
Իտալիա
գաղթելը,
եւ
եկեղեցականներուն
Իտալիոյ
մէջ
հայածէս
եկեղեցիներ
եւ
վանքեր
հիմնելու
ձեռնարկները,
որոնց
մէջ
յառաջընթաց
կը
սեպուի
Մարտիրոս
Սեաւլեռնեցի
վարդապետ
մը,
որ
Գենուա
(Genova)
կ՚երթայ
1307-ին,
եւ
1309-ին
պապէն
հաւանութիւն
կը
ստանայ
Ս.
Բարթողիմէոսի
եկեղեցին
շինելու:
Իրեն
կը
հետեւի
Դաւիթ
Կիլիկեցի
վարդապետ
մը,
որ
1308-ին
կը
հիմնարկէ
Պատաւիոն
(Padova)
քաղաքին
մէջ
Հայոց
վանք
մը:
Ներքին
դիպուածներէն
յիշատակելի
է
Օշինի
երիցագոյն
եղբօր
եւ
նախկին
թագաւոր
Սմբատի`
Կոստանդնուպոլսոյ
աքսորէն
ազատելով
(§
1213),
1309-ին
Կիլիկիա
գալը
թագաւորութիւնը
նորէն
ձեռք
ձգելու
համար:
Սակայն
Սմբատ
կուսակիցներ
չի
գտներ,
եւ
շուտով
ետ
կը
դառնայ,
եւ
թափառական
կեանքը
կը
կնքէ
Եւբէա
(Negroponte)
կղզին,
մարտի
6-ին,
բայց
տարին
անորոշ
(
ՀԱՅ.
543),
զոր
անյարմար
չէր
ըլլար
1331-ին
դնել:
Սմբատի
հետ
աքսորուող
Կոստանդին
եղբայրն
ալ
ազատութիւն
գտած
էր
Հեթումի
մահուընէն
ետքը,
սակայն
նա
Կոստանդնուպոլսոյ
մէջ
վախճանած
է
մարտ
8-ին,
տարին
նոյնպէս
անորոշ
(
ՀԱՅ.
543),
բայց
Օշինի
սեփական
Յայսմաւուրքին
մէջ
նշանակուած
ըլլալը
կը
ցուցնէ,
թէ
այդ
տարիներուն
մէկուն
կամ
միւսին
մէջ
եղած
է
երկուքին
ալ
մահը,
որով
Օշին
ապահովուած
է
իր
գահին
եւ
թագին
վրայ:
Եթէ
մրցակից
եղբայրներուն
մահը
զինքը
գոհացուց,
Կիպրոսի
թագաւոր
Ամաւրիի
սպանութիւնը
1310-ին
զինքը
մտահոգ
կ՚ընէր:
Հենրիկոս
Բ
որ
նորէն
գահը
կը
գրաւէր,
իրեն
շատ
համակիր
չէր,
եւ
ոչ
ալ
Հայոց
արքունի
գերդաստանին
բարեկամ,
որով
Զապլուն
ալ,
Ամաւրի
Լուսինեանի
այրին
իր
հինգ
զաւակներով
կը
ստիպուէր
Կիպրոսը
թողուլ
եւ
Կիլիկիա
ապաւինիլ:
Այդ
հինգ
զաւակներն
էին
(
ԴԱՐ.
27),
Հուգոն
կամ
Հիւգ,
Հենրիկոս
կամ
Հանրի,
Գուիտոն
կամ
Գուի,
Յովհաննէս
կամ
Ջիւան,
եւ
Բոյեմոնդոս
կամ
Պէմունդ
(Hugues,
Henri,
Guy,
Jean,
Boemond),
որոնք
առաջիկային
Հայոց
արքունական
գերդաստանը
կազմեցին:
Միեւնոյն
1310
տարին
էր,
որ
Օշին
արու
զաւակ
մը
կ՚ունենար,
ապրիլ
26-ին,
զոր
Լեւոն
կը
կոչէր,
սակայն
մայրը
Զապէլ,
Կոռիկոսի
իշխան
եւ
կրօնաւոր-պատմիչ
Հեթումի
դուստրը,
երկունքի
հետեւութեամբ
քանի
մը
օրէն
կը
մեռնէր
մայիսի
սկիզբը:
Ժամանակին
նկարագիրը
լրացնելու
համար
յիշենք
նաեւ
անակնկալ
ասպատակ
մը
Թաթարներու
կողմէն
1314-ին,
եւ
Եգիպտացւոց
արշաւանքները
1315-ին
Մելիտինէի
եւ
1316-ին
Տարանտիա
քաղաքներուն
վրայ,
եւ
Հայերու
կրած
չարաչար
կոտորածները
(
ՍԻՍ.
558),
որոնք
եւսքանզեւս
կը
զայրացնէին
ներքին
անախորժ
կացութիւնը,
տարբեր
հոսանքներուն,
եւ
թագաւորին
ու
կաթողիկոսին
տարօրինակ
ուղղութեան
եւ
բուռն
ընթացքին
հետեւանքով:
1253.
ԱՏԱՆԱՅԻ
ԺՈՂՈՎԸ
Այդչափ
խառնակութեանց
մէջ,
զորս
քաղելով
պատմեցինք,
որպէսզի
կացութեան
ճիշդ
նկարագիրը
տուած
ըլլանք,
պէտք
է
դիտել
տալ,
որ
թագաւոր
ու
կաթողիկոս
շատ
պարտաւոր
էին
աւելի
կարեւոր
եւ
օգտակար
գործունէութեան
մը
հետեւիլ,
քան
թէ
իրենց
լատինամոլ
ծրագիրին
գործադրութեան
համար
ճիգեր
թափել:
Զարմանալու
կէտ
մըն
է,
որ
Օշին
թագաւոր
այդչափ
յուզմանց
ու
շփոթութեանց
մէջ
յանձն
կ՚առնէ
անձամբ
Հայաստան
երթալ,
ներքին
գաւառներու
մէջ
պտոյտ
մը
ընել,
իր
մտադրութիւնը
դարձնելով
աւելի
Տարոնի
եւ
Աղձնիքի
եպիսկոպոսներու
վրայ,
եւ
Բաղէշի
մէջ
գումարում
մըն
ալ
կը
կազմէ,
որպէս
զի
անոնք
համոզէ
Լատիններու
հետ
համաձայնութենէն
առաջ
գալիք
օգուտներուն
վրայ
(
ՉԱՄ.
Գ.
312):
Սակայն
յաջողութիւն
չի
գտներ,
եւ
կը
հաւանի
որ
ազգային
ժողով
մը
գումարուի,
ուր
վերստին
քննութեան
ենթարկուին
1307
տարւոյ
կանոնները,
որոնց
առանց
կաթողիկոսի
հաստատուած
ըլլալն
ալ
անշուշտ
նկատի
կ՚առնուէր:
Արդ
այս
յանձնառութիւնը,
որով
կ՚ընդունուէր
հռոմէականաց
խոստովանութեամբ,
իսկ
զի
վերստին
լիցի
քննութիւն
ի
վերայ
կանոնաց
Սսոյ,
եւ
որոշեսցի
թէ
զինչ
պարտ
իցէ
առնել
(
ՉԱՄ.
Գ.
312),
անգամ
մը
եւս
կ՚ապացուցանէ,
որ
Սսոյ
ժողովը,
եթէ
որեւէ
ոյժ
մըն
ալ
ունէր,
անիկա
ալ
բոլորովին
ջնջուեցաւ,
երբ
թագաւորը,
հարկաւ
կաթողիկոսին
հետ
համաձայնութեամբ,
յանձնառու
եղաւ
անոնք
նոր
քննութեան
ենթարկել,
եւ
նոր
կանոններ
հաստատել:
Օշին
շրջագայութենէ
դառնալով
իր
յանձնառութիւնը
գործադրելու
կ՚աշխատէր,
երբ
պապութեան
կողմէն
ալ
նոր
գրգիռ
մը
զինքն
աւելի
քաջալերեց:
Կղեմէս
Ե
մեռած
էր
1314-ին,
եւ
հազիւ
1316-ին
յաջորդած
էր
իրեն
Յովհաննէս
ԻԲ.,
կամ
ըստ
այլոց
ԻԱ.,
գործունեայ
եւ
եռանդոտ
գաղղիացի
մը,
որ
աթոռը
հաստատեց
Աւինիոն:
Օրէնսգիտութեան
եւ
բժշկութեան
հմուտ,
եւ
գործառնութեան
մէջ
ձեռներէց,
ոչ
միայն
Արեւմուտքի
մէջ
նշանաւոր
եղած
է
իր
յանդուգն
գործերով,
այլ
եւ
Արեւելքի
վրայ
աչք
դարձուցած
էր
պապութեան
ազդեցութիւնը
ամրացնելու:
Կիլիկիոյ`
եւ
նոյնիսկ
արքունիքի
եւ
հայրապետանոցի
մէջ
գտնուող
Լատին
կրօնաւորներէ
տեղեկանալով,
Յովհաննէս
կը
գրէր
Օշինի
եւ
Կոստանդինի
(
ԿԱԼ.
517),
որ
ջանան
ժողով
գումարել
եւ
վերջնական
կերպով
ամրացնել
1307-ի
կանոնները:
Այդ
շարժառիթներով
կը
հրաւիրուի
Ատանայի
ժողովը:
Անոր
գումարումը
սովորաբար
կը
գրուի
1316-ին
(
ՍԻՍ.
258),
սակայն
դժուար
պիտի
ըլլայ
այդ
թուականը
ընդունիլ,
քանի
որ
կը
գիտցուի,
թէ
ժողովը
եղաւ
Յովհաննէս
ԻԲ.
պապին
օրով
(
ԿԱԼ.
517),
որ
ճիշդ
միեւնոյն
1316
տարւոյն
մէջերը
ընտրուեցաւ,
եւ
Այլակերպութեան
տօնն
ալ,
որ
օր
գումարուած
է
Ատանայի
ժողովը
(
ԿԱԼ.
503),
յուլիս
18-ին
կ՚իյնար,
որով
անհնար
էր
մէկ
կամ
երկու
ամիսներու
մէջ
տեղի
ունենային
պապին
յորդորական
նամակները,
ժողովին
որոշումն
ու
հրաւէրը,
եւ
ժողովականներուն
գումարուիլը,
ուստի
աւելի
հաւանականութեամբ
1317
յուլիս
10-ին
Այլակերպութեան
տօնին
պէտք
է
դնել
Ատանայի
ժողովը
Սսոյ
ժողովէն
10
տարի
ետքը:
1254.
ԺՈՂՈՎԻՆ
ՆԵՐԿԱՆԵՐԸ
Լատիններէն
եւ
լատինասէրներէն
խորհուած
միջոցը,
որ
է
նոր
ժողովի
գումարումը,
դիտուած
նպատակին
բնաւ
համապատասխան
չեղաւ,
եւ
չի
կրցաւ
արտադրել
այն
զօրութիւնը
որուն
կը
սպասուէր:
Հրաւէրին
անսացողները
շատ
քիչ
եղան,
վասն
զի
եպիսկոպոսներ
18
են
եղած
կաթողիկոսով
մէկտեղ,
եւ
վարդապետներ
7
միայն
յիշուած
են
ներկայից
ցուցակին
մէջ
(
ԿԱԼ.
503),
մինչ
Սսոյ
մէջ
գումարուած
էին
26
եպիսկոպոսներ
եւ
17
վարդապետներ,
նոյնիսկ
առաջին
ցուցակին
համեմատ
(§
1230):
Եպիսկոպոսներէն
10
հատը
Կիլիկիայէն
եղան,
եւ
անոնցմէ
վեցը
Սսոյ
առաջին
ցուցակին
մէջ
յիշուածներ,
այսինքն
Կոստանդին
կաթողիկոս
յառաջն
Կեսարիոյ
եպիսկոպոս,
Կոստանդին
Սսոյ,
Յովհաննէս
Տարսոնի,
Յովհաննէս
Անարզաբայ,
Ստեփանոս
Բարձրբերդի
եւ
Գրիգոր
Մարաշի
եպիսկոպոսներ,
եւ
հատ
մըն
ալ
երկրորդ
ցուցակէն`
Ստեփանոս
Ատանայի:
Կապանի
եպիսկոպոսը
Յակոբ
է,
որ
Բասիլիոսի
յաջորդած
պիտի
ըլլայ,
եւ
երկու
նորեր
կան
Յովհաննէս
Մամեստիոյ
եւ
Ներսէս
Մոլեւոնի:
Փոքր
Ասիոյ
եպիսկոպոսներէն
երկու
նորեր
կան
միայն
Կոստանդին
Անկիւրիոյ
եւ
Ստեփանոս
Կողոնիոյ:
Իսկ
Հայաստանի
եպիսկոպոսներէն
կայ
Աւետիք
Նփրկերտի,
որ
երկրորդ
ցուցակին
մէջ
յիշուած
էր,
եւ
Կոստանդին
Մարանդունեաց`
որ
Յովհաննէսի
յաջորդը
պիտի
ըլլայ:
Երեք
ալ
նորեր
կան
Յովհաննէս
Տարոնոյ,
Մարկոս
Կարսի
եւ
Յակոբ
Սալմաստի:
Իսկ
7
վարդապետներ
բոլոր
հիներ
են,
Յովհաննէս
վարդապետը,
Կիրակոս
եւ
Գրիգոր
եւ
Մարտիրոս
կաթողիկոսարանէն,
Գրիգոր
Գերմազբերի
եւ
Բարսեղ
Խորինի,
եւ
Հայրապետ
Թիւրքթիի`
որ
Գրիգորը
յաջորդը
պիտի
ըլլայ:
Քռնեցին
իր
նամակին
մէջ
իբրեւ
ներկայ
կը
յիշէ
նաեւ
Զաքարիա
Ծործորեցին`
Արտաղի
արքեպիսկոպոսը
(
ԿԱԼ.
517),
եւ
Յովհաննէս
Երզնկացի
կամ
Ծործորեցի
(
ԿԱԼ.
518)
ծանօթ
վարդապետը
(§
1240):
Սակայն
երկուքին
ալ
անունները
ցուցակին
մէջ
չեն
գտնուիր,
եւ
անհնար
էր
որ
մոռցուէին,
մինչ
Քռնեցին
վերջէն
կը
գրէ
պարզ
յիշողութեամբ:
Յովհաննէս
վարդապետը,
որ
վարդապետաց
առաջինը
յիշուած
է
առանց
մակդիր
անունի
(
ԿԱԼ.
504),
ոչ
թէ
Երզնկացին
է,
այլ
Սսոյ
ցուցակին
մէջ
ալ
վարդապետներու
գլուխը
յիշուած
Մեծքարի
դպրապետն
է
(
ԿԱԼ.
459),
կամ
Դպրեվանքի
առաջնորդը,
որ
միշտ
իր
առաջնութիւնը
կը
պահէ
իբրեւ
վարդապետանոցի
գլուխ
կամ
վարդապետաց
վարդապետ:
Գալով
ներկայ
իշխաններուն,
անոնք
ալ
նուազ
են,
10
միայն,
մինչ
14
էին
անունով
յիշուածները
Սսոյ
մէջ:
Ասոնցմէ
ալ
գրեթէ
բոլորը
հիներն
են,
Օշին
թագաւոր,
Ալինախ
արքայեղբայր,
Սմբատ
Ասկուռոյ
մարաջախտ,
Ռեմունդ
Միքայլկուի
սենեսջալ,
եւ
Թորոս
Ջոֆտէրկայի
պրակսիմոս:
Իսկ
բերդակալներէն
կամ
Սմբատ
Սմբատկլայի,
Օշին
Կոպիտառի,
եւ
Լիկոս
Խնձորովիրի`
որ
նոյնիսկ
Կիսառաման
է
(
ՍԻՍ.
64):
Նորեր
երկու
հատ
են
միայն
Հեթում
սպարապետ
Օշինի
տեղ,
եւ
թագաւորին
աներձագը
Օշին
Կոռիկոսի
իշխանը:
Բազմութիւնք
քահանայից
եւ
կրօնաւորաց
այստեղ
ալ
յիշուած
են`
թագաւորին
աւագերէց
Թորոսի
գլխաւորութեամբ
(
ԿԱԼ.
505),
որ
Կոստանդինի
յաջորդած
պիտի
ըլլայ
(
ԿԱԼ.
460),
եւ
կը
կարծենք,
բայց
չենք
կրնար
պնդել,
թէ
նոյն
այն
Թափրոնց
մականուանեալ
հանճարեղ
երաժիշտն
է,
որ
1342
դեկտեմբեր
27-ին
վախճանած
է
(
ՀԱՅ.
545),
ժողովէս
25
տարի
ետքը:
Այս
ամէն
տեղեկութիւններ
կը
ցուցնեն,
թէ
Ատանայի
ժողովը`
ներկայից
թուով
ու
կարեւորութեամբ,
Սսոյ
ժողովէն
շատ
ետեւ
կը
մնայ,
միւս
կողմէն
ներկաներն
ալ
միեւնոյն
իրենց
ըրածը
հաստատել
ուզողներ
են,
այն
ալ
նուազ
թուով
եւ
նուազագոյն
ազդեցութեամբ:
1255.
ԲԱԺԱԿԻՆ
ՋՈՒՐԸ
Կալանոս
պարծենցած
է
թէ
Սսոյ
ժողովին
մէջ
ոչ
ոք
ի
Լատինացւոց
կամ
ի
Յունաց,
կամ
զիարդ
եւ
իցէ
այլ
ազգ
հայր,
եմուտ
ի
նա
(
ԿԱԼ.
453),
ինչ
որ
կարի
տարակուսական
է,
քանի
որ
գործին
գլուխը
կը
գտնուէր
Հեթում
թագաւորահայրը,
կամ
լաւ
եւս
լատին
կրօնաւոր
Եղբայր
Յովհաննէսը
(
ԿԱԼ.
475),
որ
հարկաւ
զերծ
չէր
իր
միաբանակիցներուն
ազդեցութենէն:
Բայց
Ատանայի
ժողովին
համար
այսպիսի
ակնարկ
մը
ընելէ
կը
զգուշանայ,
որովհետեւ
Քռնեցին
կը
վկայէ
թէ
ի
Քարոզողացս
այսոցիկ,
այսինքն
Դոմինիկեաններէն
ոմանք
առաքեցան
ի
գերագոյն
պապէն
Յովհաննու
ԻԲ-րորդէ,
վասն
որոյ
կաթողիկոսն
գումարելով
զամենայն
եպիսկոպոսունս
եւ
զեկեղեցականս`
ժողով
արար
(
ԿԱԼ.
517):
Ժողովական
գործերը
յառաջ
բերուած
են
Կալանոսէ,
հետեւելով
նոյն
բնագիրին
ուսկից
Անաւարզեցիին
նամակը
եւ
Սսոյ
Ժողովին
ատենագրութիւնը
առած
է
(
ԿԱԼ.
472):
Պարունակութիւնք
իրարմէ
չեն
տարբերիր,
որովհետեւ
նպատակն
է
կրկին
անգամ
հաստատութիւն
տալ
1307-ի
ժողովին
որոշումներուն,
եւ
Անաւարզեցիին
Լեւոնի
գրած
նամակով
ըրած
առաջարկներուն:
Յայտնի
ըսուած
է
թէ
չարք
ոմանք
շարժեալք
ի
չար
սրտէ
անտի
բանսարկուին,
կանոնեցին
կանոնս
եւ
գրեցին
սահմանս
յանիրաւ
ժողովս
իւրեանց
(
ԿԱԼ.
476),
որով
կ՚ուզեն
ակնարկել
1307-ի
ժողովին
դէմ
Ատանայի
եւ
Սիսի
մէջ
ժողովական
ձեւով
տրուած
որոշումներուն
(§
1250),
որով
մեծ
նշանակութիւն
տրուած
կ՚ըլլայ
այդ
գումարումներուն,
թէպէտ
մենք
ալ
անոնց
կանոնական
զօրութիւն
տալ
չուզեցինք,
բայց
այս
խօսքերով`
այն
ատեն
ազդեցութիւն
ունեցած
ըլլալնին
կը
յայտնուի:
Առաջին
խնդիրը
բաժակին
ջուրն
է,
որուն
մասին
նորէն
ընդարձակօրէն
կը
կրկնուին
(
ԿԱԼ.
477-487)
նոյն
վկայութիւնները`
զորս
Անաւարզեցին
յիշած
էր
Հեթումի
եւ
Լեւոնի
գրած
նամակներուն
մէջ,
եւ
որոնք
անցած
էին
Սսոյ
ժողովին
ատենագրութեան
(§
1234):
Այդ
վկայութիւններ
ոյժ
մը
չունին,
քանի
որ
Յոյներ
եւ
Լատիններ
են
գրողները,
որ
իրենց
սովորութիւնը
կը
բացատրեն:
Իսկ
Կոստանդնուպոլսոյ
ժողովը
որ
ի
Գումպայթ
պալատին
եղեւ
(
ԿԱԼ.
485),
Տրուլեան
կոչուած
ժողովն
է,
որուն
կանոնները
Լատիններն
ալ
չեն
ընդունիր:
Միայն
չենք
գիտեր
թէ
ինչ
վկայութիւն
է,
զոր
մերն
Ներսէս
սրբազան
կաթողիկոսն
յերգոն
ԿԲ
առակացն
գրած
ըլլայ,
Յիսուսի
կողէն
ելած
ջուրին
մասին
(
ԿԱԼ.
483):
Մեր
գիտցածով
Շնորհալին
ջուրը
միշտ
Մկրտութեան
խորհուրդին
վրայ
մեկնած
է,
թէ
Կրկնավտակ
կողին
աղբերբք
եկեղեցի
իւր
հաստատի,
ջրովն
մաքրի,
զարիւնն
ըմպէ
(
ՇԱՐ.
285),
թէ
Աղբիւր
բարեաց
բղխեաց
ի
սուրբ
կողէն,
ջուրն
ի
լուացումն
աւազանին,
արիւնն
յարբումն
խորհրդին
(
ՉԱՓ.
126),
եւ
թէ
Կայլակ
աղբերցն
կրկնակի,
ջուրն
ի
լուանալ
մեղուցելոց,
ի
մահ
սորա
մկրտելոց,
արիւնն
ի
սնունդ
մաքուր
հոգւոց
(
ՉԱՓ.
212):
Չէինք
ուզեր
հետեւցնել,
թէ
մի'
գուցէ
բոլոր
միւս
վկայութիւններն
ալ
այդպէս
խարդախուած
կամ
աղաւաղուած
ըլլան:
1256.
ՈՒՐԻՇ
ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐ
Ծննդեան
տօնին
վրայ,
թէ
Անաւարզեցիին
նամակները,
եւ
թէ
Սսոյ
ժողովը
շատ
չէին
պատճառաբանած,
բաւական
սեպելով
Աստուածայայտնութեան
տօնին
բաժանումը
հրամայել,
պահքն
ալ
ճրագալոյցն
ալ
կրկնելով,
իսկ
Ատանայի
ժողովին
մէջ
ընդարձակ
մաս
մը
կայ
զայն
պաշտպանելու
(
ԿԱԼ.
487-499),
շատ
մը
քաշկռտուք
պատճառաբանութիւններով,
զորս
քաղել
իսկ
աւելորդ
կը
սեպենք:
Պատմութիւն
մըն
ալ
կը
յօրինեն,
թէ
Անաստաս
պապին
օրով,
Հռոմ
հրաման
ղրկեր
է
Կոստանդնուպոլսոյ
եւ
Երուսաղէմի
եւ
Անտիոքի
աթոռներուն,
որ
Ծնունդը
զատաբար
տօնեն
դեկտեմբեր
25-ին,
եւ
այն
ատեն
այդ
պատրիարքութիւնները
համակերպեր
են:
Հայոց
կաթողիկոս
Մեծն
Սահակի
ալ
նոյն
հրամանը
եկեր
է,
բայց
նա
նախարարներէն
եւ
Սուրմակէ
ամբաստանուելով
աքսորուած
է
եղեր,
եւ
անոր
համար
ի
հասանել
հրովարտակին
Սահակ
աքսորեալ
ըլլալուն,
այսպիսի
պատճառաւ
ետ
մնացեր
է
համաձայնութիւն
Հայաստանեայցս
եկեղեցւոյ
ընդ
մեծ
եկեղեցւոյն
Հռոմայ
ի
տօնախմբութիւն
տէրունական
տօնիցս
(
ԿԱԼ.
496):
Գոնէ
ժամանակագրական
կապակցութիւնը
արդարանար,
զի
Անաստաս
401-ին
մեռած
է,
եւ
Սահակ
428-ին
աքսորուած:
Բաւական
բան
ալ
գրուած
է
երկու
բնութիւն
բանաձեւը
պաշտպանելու
(
ԿԱԼ.
497-502):
Հետզհետէ
կը
քաղուին
տօնական
եւ
ծիսական
զանազան
նորութիւններ,
որոնք
Սսոյ
մէջ
ալ
որոշուած
էին
(§
1233),
այսպէս
են
Աւետումը
մարտ
25-ին,
Ծնունդը
դեկտեմբեր
25-ին,
Մկրտութիւնը
յունուար
6-ին,
Տեառընդառաջը
փետրուար
2-ին,
Վերափոխումը
օգոստոս
15-ին,
եւ
Խաչվերացը
սեպտեմբեր
14-ին
տօնել,
սրբոց
տօները
Յայսմաւուրքի
թուականներով
կատարել
ու
երկու
բնութիւն
բանաձեւը
գործածել,
պատարագի
սեղանին
վրայ
գորբորայ
դնել,
աստիճանաւորներուն
իրենց
կարգն
ու
զգեստը
ունենալ,
Զատիկի
եւ
Ծնունդի
եւ
Մկրտութեան
ճրագալոյցներուն
ձէթով
ու
ձուկով
բաւականանալ,
եւ
Սուրբ
Աստուածին
մէջ
Քրիստոս
աւելցնել
(
ԿԱԼ.
499):
Ժողովական
գրութեան
վերջը
նորէն
կը
յիշեն,
թէ
Սսոյ
ժողովէն
ետքը,
սատանան
յարոյց
արս
ոմանս
տքէտս
եւ
ընդդիմասացս
ճշմարտութեան,
որոնք
ժողովս
եւ
կոյտս
առնէին,
եւ
ժողովուրդը
դարձուցանէին
ի
ճշմարտութենէ
(
ԿԱԼ.
502),
իր
հասկացողութեամբ
Սսոյ
կանոններէն,
եւ
թէ
այս
նպատակով
գումարուեցաւ
Ատանայի
ժողովը,
Ս.
Մինաս
եկեղեցւոյ
մէջ,
Քրիստոսի
լուսաւորութեան,
այսինքն
Պայծառակերպութեան
տօնին
օրը
(
ԿԱԼ.
503),
որուն
հաշիւը
վերեւ
պարզեցինք
(§
1253):
Այդ
հոգւով
ու
միտքով
Ատանայի
18
եպիսկոպոսները
կը
համարձակին
վճռել,
թէ
անոնք
որ
չեն
հաւանիր
իրենց
վճիռներուն,
որոշեմք
եւ
ի
բաց
հերքեմք
ի
կաթուղիկէ
եւ
առաքելական
սուրբ
եկեղեցւոյն
Հռոմայ
(
ԿԱԼ.
506):
1257.
ԺՈՂՈՎԻՆ
ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Եթէ
պարզապէս
Հռոմի
եկեղեցիէն
զատել
ըլլար
նպատակնին,
բան
մը
չէինք
ուզեր
աւելցնել,
որովհետեւ
Հռոմայ
եկեղեցիէն
զատել,
կաթողիկէ
եւ
ուղղափառ
եկեղեցիէ
զատել
չէր
ըլլար:
Սակայն
լատինամիտ
կաթողիկոսին
ու
թագաւորին
եւ
տկարամիտ
17
եպիսկոպոսներուն
կամքը
շատ
անզօր
էր
Հայաստանեայց
ուղղափառ
եկեղեցւոյն
հազարամեայ
անփոփոխ
դաւանութիւնն
այլայլել,
եւ
անոր
հնաւանդ
ծէսը
խախտել:
Ատանայի
ժողովը
քանի
մը
ժողովականներով
հեղինակութիւն
մը
չէր
կրնար
ունենալ
այդ
մասին,
եւ
չունեցաւ
ալ:
Արդէն
ինքն
Ատանայի
ժողովը`
Սսոյ
ժողովին
ապարդիւն
եւ
անհետեւանք
լինելը
յայտարարելէն
ետքը,
նովին
իսկ
իր
գործին
ալ
դատապարտութիւնը
վճռած
է,
վասնզի
հռոմէականներ
իսկ
կը
խոստովանին,
թէ
Ատանայի
կանոններն
ալ
ոչ
ուրեք
եղան
ի
գործ,
թէ
նոյնիսկ
17
եպիսկոպոսներ
անկարանային
պահել,
եւ
թէ
վերջապէս
Օշին
ալ
յուսահատած
եւ
տեսեալ
թէ
չիք
հնար,
դադարեցաւ
ի
ստիպելոյ,
Ատանայի
կանոններուն
պահպանութիւն
(
ՉԱՄ.
Գ.
314):
Ահա
այդ
ժողովն
է,
որուն
վրայ
կը
հիմնեն
հռոմէականներ
բոլոր
իրենց
փաստերը,
իբր
թէ
Հայ
եկեղեցին
իր
ինքնութիւնը
կորուսած
եւ
հռոմէադաւան
եղած
ըլլայ:
Հայ
եկեղեցին
իր
դարաւոր
կեանքովը,
իր
ուղղադաւան
հայրապետներովը,
իր
բազմաթիւ
ժողովներովը,
այնչափ
յայտնի
կերպով
հռչակած
ու
պաշտպանած
է
իր
հաւատքն
ու
ծէսը,
որ
պետական
ազդեցութեան
եւ
քաղաքական
հրապուրանքին
ներքեւ
լոկ
բերնով
հաւանող
եւ
գործով
հակառակող
17
եպիսկոպոսներ
չեն
կրնար
հակառակը
հաստատելու
փաստ
ըլլալ:
Եթէ
Օշին
թագաւոր
հռոմէադաւան
մը
եղած
է
ըսեն,
ասիկա
մեր
եկեղեցւոյն
վրայ
ազդեցութիւն
չըներ,
նոյնը
կրնայինք
ըսել
Կոստանդին
Կեսարացի
կաթողիկոսին
համար
ալ,
որովհետեւ
Հայ
եկեղեցին
անսխալ
պետեր
ունենալ
չի
վարդապետեր:
Սակայն
երբ
կը
տեսնենք
որ
Կոստանդին
չի
հակառակիր,
երբ
բոլոր
Հայաստան
ու
Փոքր
Ասիա,
եւ
նոյնիսկ
Կիլիկիա`
համարձակօրէն
կը
մերժեն
նորութիւնները,
պիտի
համարձակինք
հետեւցնել,
թէ
անոր
ըրածն
ալ
արարտաքնայարդար
կեղծիք
մըն
էր,
եւ
ոչ
հաստատուն
համոզում:
Դատապարտելի
իբրեւ
փոքրոգի
զիջողութիւն,
եւ
ոչ
իբրեւ
իսկական
ուրացութիւն:
1258.
ՏԱՐԵԳԼՈՒԽՆԵՐ
ՄԻԱՑԱԾ
Ատանայի
ժողովին
թուական
նշանակուած
տարին`
որ
է
Քրիստոսի
1317
եւ
Հայոց
766
տարին,
տոմարական
պարագայ
մը
կը
ներկայէ,
զոր
չենք
ուզեր
անյիշատակ
թողուլ:
Հայոց
շարժական
տոմարի
հիմ
կազմող`
վերջին
Հայկայ
շրջանին
սկիզբը
Յուլեան
տոմարին
428
օգոստոս
11-ին
հաստատուած
էր
(§
211),
կամ
որ
նոյն
է
նաւասարդի
1-ը
յիշեալ
օրը
կ՚իյնար,
որ
սակայն
չորս
տարին
օր
մը
Յուլեան
տոմարէն
ետ
մնալով,
552-ին
տոմարի
նորոգութեան
տարին
յուլիս
11-ին
հասած
էր
(§
385):
Անկէ
ասդին
ալ
կը
շարունակէր
չորս
տարին
օր
մը
ետեւ
մնալու
հաշիւը,
որ
հետեւանք
էր
Յուլեան
տոմարին
նահանջներուն
Հայկական
տոմարին
մէջ
ընդունուած
չըլլալուն:
Սարկաւագ
վարդապետ
հոգացած
էր
նահանջները
ընդունիլ
նոր
հինգհարիւրեակին
սկիզբը
(§
900)
սակայն
անոր
կազմած
անշարժ
տոմարը
կատարեալ
ընդհանրացում
չէր
առած
եւ
պաշտօնական
կիրառութեան
չէր
մտած,
եւ
շարժական
ու
անշարժ
տոմարներ
խառն
կերպով
կը
գործածուէին
տարեթիւերու
յիշատակութեանց
մէջ,
ինչպէս
որ
տեղ
տեղ
ակնարկելու
ալ
առիթ
ունեցանք:
Միւս
կողմէն
երբոր
Արեւմուտքի
հետ
յարաբերութիւններ
շատցան,
հայկական
ամիսներու
տեղ
Յուլեան
կամ
Հռոմէական
ամսաթիւերն
ալ
սկսան
գործածուիլ,
առանց
Քրիստոսի
տարեթիւն
ալ
ընդունելու,
որ
արդէն
սովորական
էր
Արեւմուտքի
մէջ,
եւ
այսպէս
խառնակ
տոմարականութիւն
մը
տիրած
էր
Հայոց
մէջ,
ամսաթիւը
հռոմէական
եւ
տարեթիւը
հայկական,
այն
ալ
երբեմն
շարժական
եւ
երբեմն
անշարժ`
տոմարին
հետեւելով:
Վերջին
ատեններ
հայկական
շարժականը
եւ
հռոմէական
անշարժը
իրարու
մօտեցած
էին,
եւ
1260-էն
ասդին
շարժական
ամանորն
ալ
յունուարի
առաջին
կէսին
մէջ
կ՚իյնար,
մինչեւ
որ
1317-ին
շարժական
տոմարին
ամանորը
կամ
Հայկական
նաւասարդին
մէկը`
ճիշդուճիշդ
Յուլեան
յունուար
մէկին
ինկաւ,
եւ
հայկական
ու
հռոմէական
տարեգլուխները
միացան:
Այդ
զուգադիպութիւնը
պատճառ
եղաւ,
որ
այլեւս
շարժական
տարեթիւը
եւ
փոփոխական
ամանորը
գործածութենէ
գրեթէ
դադրեցան,
եւ
Յուլեան
յունուար
մէկը
Հայկական
տարեթիւն
ալ
ամանորը
եղաւ,
եւ
կաղանդի
օրն
ու
անունն
ընդհանրապէս
ընդունելի
եղան,
բայց
միշտ
հայկական
տարեթիւը
պահելով,
զի
արեւմուտքին
գործածած
Քրիստոսի
տարեթիւը
Հայերուն
գործածական
չեղաւ,
եթէ
չուզենք
ըսել,
թէ
անծանոթ
ալ
մնաց:
Այդ
սովորութիւնը
հաստատուն
կերպով
հասաւ
մինչեւ
վերջին
ԺԹ
դարը,
մինչեւ
մեզի
մօտ
օրերը,
երբ
այլեւս
հռոմէական
կամ
արեւմտեան
տարեթիւը
սովորական
դարձաւ
Հայոց
մէջ,
եւ
Հայոց
թուականը
երբեմն
իբր
զարդ
եւ
երբեմն
իբր
պարզ
տեղեկութիւն
սկսաւ
յիշուիլ:
Աւելի
նոր
տարիներու
մէջ
հին
շարժական
տոմարի
հաշիւն
ալ
վերակենդանութիւն
առաւ,
բայց
իբրեւ
հայրենական
հնութեանց
նշխարք
մը
միայն
(
ՅՇԿ.
Ա.
76),
որ
օրացոյցներէն
անդին
չ՚անցաւ:
Երկու
ամանորներու
զուգադիպութեան
օրէն
իբրեւ
կանոն
դարձած
է,
ոչ
եւս
երկու
տոմարներու
համեմատութեան
համար
նկատի
առնել`
նահանջներու
պակասութենէն
յառաջ
եկող
օրերը,
այլ
երկու
տոմարներու
մէջ
551
տարիներու
անփոփոխ
տարբերութիւն
մը
հաշուել:
Այս
ձեւը
կրնայ
յարմարիլ
1317-է
ետքը
եկող
տարիներուն,
բայց
անկէ
առաջուան
տարիներու
պատշաճեցուած
ատեն
կրնայ
տոմարական
սխալներու
առիթ
ընծայել,
ինչպէս
շատերուն
հանդիպած
է:
Ուստի
մենք
սոյն
պատմութեան
կարգին
խնամով
մտադրութիւն
դարձուցինք
ամանորի
օրերուն
աստիճանաբար
փոփոխութեան,
եւ
ջանացինք
ճիշդ
օրերու
համեմատութիւն
գտնել,
հետեւելով
ամբողջական
շրջանի
օրըստօրեայ
փոփոխութիւնները
ցուցնող
աղիւսակի
մը,
զոր
այս
նպատակով
կազմած
էինք
ժամանակին:
1259.
ՅՈՎՀԱՆՆԱ
ԵՒ
ԱԼԻՆԱԽ
Օշին
թագաւոր
այրի
մնացած
էր
իր
անդրանիկին
ծնած
ատենէն
(§
1252),
տակաւին
27
տարեկան
եղած
ատեն,
բայց
երկրորդ
ամուսնութիւնը
յապաղած
էր,
հարկաւ
քաղաքական
տեսակէտով
օգտակար
զուգակցութիւն
մը
հաստատելու
նպատակով:
Վերջապէս
Օշին
իրեն
կենակից
ընտրեց
զեղբօր
դուստրն
Ըռէ
Ըռուպէրտին,
որ
է
Նէապոլսոյ
Հռոբերտոս
(Roberto
re
de
Napoli)
թագաւորին
եղբօր,
Տարենտօնի
Փիլիպպոս
(Fillippo
di
Taranto)
իշխանին
դուստրը`
Յովհաննա-Երինէ
(Giovanna-irene),
զոր
ուղարկեաց
էբեր
եւ
պսակուեցաւ
ի
Տարսոն:
Թուականը
նշանակուած
է
1316
(
ՍՄԲ.
128),
եւ
ըստ
այսմ
Ատանայի
ժողովին
գումարումէն
քիչ
առաջ
կ՚իյնայ
Օշինի
երկրորդ
ամուսնութիւնը,
երբոր
տեղի
կ՚ունենային
Յովհաննէս
ԻԲ
պապին
հետ
սերտ
յարաբերութիւններ:
Օշինի
ընտանեկան
մխիթարութեան
ցաւ
մը
կը
յաջորդէր
ժողովէն
քիչ
ետքը:
Իր
հարազատ
եւ
երկուորեակ
եղբայրը
Այինախ,
իշխան
Տարսոնի
եւ
Լամբրոնի,
որուն
հետ
միշտ
սիրով
ապրած
էին,
արկածի
մը
հետեւանօք
կը
մեռներ
1317
օգոստոս
26-ին
(
ՀԱՅ.
545),
թէպէտ
Յայսմաւուրքը
օգոստոս
2-ին
կը
դնէ
(
ՅԱՍ.
Բ.
56):
Ալինախ
Տարսոնի
Կիւդնոս
գետին
մէջ
լողալու
իջած
էր,
իրեն
հետ
ունենալով
տաճիկ
ձի
մի,
հարկաւ
իր
անձնականը,
որ
եհար
զնա
ոտամբն
ի
գլուխն,
եւ
հարուածը
եղաւ
պատճառ
մահու
(
ՍԱՄ.
157),
եւ
այսպէս
մեռաւ
բարի
շառաւիղն
Ալինախ
երիտասարդ
հասակաւ
(
ՀԱՅ.
545),
զի
34
տարեկան
էր
տակաւին,
եւ
թաղուեցաւ
Դրազարկի
վանքը,
արքունական
դամբարանը:
Անցողակի
յիշենք
թէ
Ալինախ,
Ռուբէն
անունով
յիշուած
է
ուրիշներէն
(
ՍԱՄ.
212
եւ
243),
կամ
կրկին
անուն
ունենալուն,
եւ
կամ
Ռուբէն
բուն
անունին
փաղաքշական
կոչում
մը
աւելցուած
ըլլալուն
համար:
Սմբատի
շարունակողը
1309-ին
կը
դնէ
Ալինախի
մահը
(
ՍՄԲ.
128),
սակայն
յայտնի
շփոթութեան
պիտի
վերագրուի,
զի
Ալինախ
1317
յուլիս
10-ին
Ատանայի
ժողովին
ներկայ
էր
(
ԿԱԼ.
504),
եւ
Ատանայէ
Տարսոն
դառնալէն
ամիսուկէս
ետքը
տեղի
ունեցած
կ՚ըլլայ
արկածը:
1260.
ԵՒՐՈՊԱՑՒՈՑ
ԴԻՄՈՒՄՆԵՐ
Այդ
միջանկեալ
պարագաներէ
ետքը
կը
տեսնենք,
որ
Օշին
կը
փութայ
Ատանայի
ժողովին
արդիւնքը
Յովհաննէս
պապին
ներկայել
յատուկ
դեսպաններու
ձեռքով,
որոնք
են
Յակոբ
Կապանի
եպիսկոպոսը,
ժողովին
ներկաներէն
մին,
եւ
Ստեփանոս
Նորբերդի
իշխանը
(
ՍԻՍ.
558):
Բայց
միւս
կողմէն
Հռոմ
լուր
տուողներ
կային,
թէ
այդ
որոշումները
գործադրուած
չեն,
եւ
թէ
որոնք
որ
հաւանութիւն
յայտնած
են,
անոնք
ալ
առերեսս
միայն
համակերպած
են:
Այդ
պատճառով
պապը
հարցուփորձի
կ՚ենթարկէր
Յակոբ
եպիսկոպոսը,
որ
կը
յաջողէր
պապը
համոզել
ժողովական
գրութեանց
փաստերով,
եւ
անկէ
ալ
գոհունակութեան
պատասխանագիրներ
առնելով
իր
տեղը
կը
դառնար:
Լատիններուն
մօտենալնուն
նպատակը
զինուորական
օգնութիւն
ստանալն
էր,
իբր
թէ
Արեւմտեան
քրիստոնէութեան
հովանւոյն
ներքեւ
ապահով
եւ
տեւողական
պիտի
ըլլար
Հայերուն
թագաւորութիւնը,
եւ
այդ
սեւեռեալ
գաղափարին
կը
հետեւէին
Կիլիկիոյ
քաղաքական
եւ
եկեղեցական
իշխանութեանց
գլուխը
գտնուողները
հաւասարապէս:
Թէ'
Օշինի
պատգամաւորները
եւ
թէ'
պապն
ալ
իր
կողմէն
դիմումներ
կ՚ընէին
Տարենտոնի
իշխանին`
որ
Օշինի
աներն
էր,
Նէապոլսոյ
թագաւորին`
որ
Յովհաննա
թագուհւոյն
հօրեղբայրն
էր,
եւ
Գաղղիոյ
Փիլիպպոս
Ե
թագաւորին,
որ
պապին
հովանաւորն
էր,
սակայն
ոչ
ուստեք
շարժում
մը
չէր
կատարուէր,
եւ
Յովհաննէս
պապ
կը
շատանար
պատասխանել,
թէ
զբաղեալ
են
թագաւորք
քրիստոնէից
ի
կռիւս
արեւմտեայց,
ու
կը
խոստանար
գունդ
մը
ճարել
օգնութեան
համար
(
ՉԱՄ.
Գ.
316),
եւ
կը
փութար
քանի
մը
Դոմինիկեան
կրօնաւորներ
ղրկել,
լատին
լեզուն
սորվեցնելու
(
ՍԻՍ.
367),
հարկաւ
լատին
դաւանութիւնն
ալ
մէկտեղ:
Այս
յարաբերութիւններ
տեղի
կ՚ունենային
1318-ին:
1261.
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ
ԱԹՈՌԸ
Երբոր
մէկ
կողմէն
Ատանայի
ժողովին
շնորհիւ
սպասուած
օգնութիւնները
չէին
հասներ,
միւս
կողմէն
անոր
պատճառով
ծագած
երկպառակութիւնները
կ՚ընդարձակուէին,
եւ
ասոնցմէ
մէկն
էր
Երուսաղէմի
աթոռին
բաժնուիլը:
Հայերուն
Երուսաղէմի
մէջ
վանք
ու
եկեղեցի
ունենալուն
սկիզբը
մինչեւ
Լուսաւորիչի
ու
Տրդատի
օրերը
կը
հասնի
(
ԱՆԱ.
4),
որոնք
հետզհետէ
շատցան,
այնպէս
որ
Անաստաս
վարդապետ,
ութերորդ
դարուն
մէջ
Պաղեստին
գտնուող
եօթանասունի
չափ
Հայոց
վանքերու
ցուցակ
մը
կրցած
է
կազմել
(
ԱՆԱ.
9):
Եկեղեցւոյ
հին
սովորութեան
համեմատ
միեւնոյն
աթոռի
վրայ
կրկին
եպիսկոպոսներ
չէին
գտնուէր.
դաւանութիւնը
նոյն
էր,
եւ
տարբեր
ծէսով
ալ
նոյն
եպիսկոպոսի
կը
հնազանդէին,
հետեւաբար
Հայերն
ալ
տեղական
թեմակալին
ներքեւ
էին,
եւ
յատուկ
Հայ
թեմակալ
չկար,
թէպէտ
կրնային
վանքերու
առաջնորդ
եպիսկոպոսներ
գտնուիլ:
Այդ
պատճառով
էր,
որ
մերթ
ընդ
մերթ
Հայ
վանականներ
Յոյն
թեմակալներէ
նեղութիւն
եւ
հալածանք
կը
կրէին
քաղկեդոնականութեան
խնդիրին
պատճառով:
Խաչիկ
Արշարունիի
համար
ըսինք,
թէ
սկսաւ
Հայ
գաղթականներուն
Հայ
եպիսկոպոսներ
ղրկել
(§
785),
բայց
Երուսաղէմի
Հայ
եպիսկոպոսներ
աւելի
կանուխ
ալ
եղած
պիտի
ըլլան,
վանքերու
շատութեան
եւ
ուխտաւորներու
յաճախութեան
պատճառով:
Պատմութեան
մէջ
որոշակի
յիշուած
է,
թէ
637-ին,
Էօմէրի
Երուսաղէմին
տիրելու
պարագային,
Հայ
պատրիարք
մըն
ալ
յաղթականին
ներկայացած
է
(
ԲԱՌ.
29),
եւ
յատուկ
հրովարտակով
ճանչցուած
է
իբրեւ
պետ
Հայոց,
կամ
լաւ
եւս
Յոյներէն
տարբեր
դաւանութիւն
ունեցող
բոլոր
արեւելեան
քրիստոնեաներու
(
ԲԱՌ.
31):
Էօմէրի
հրովարտակին
մէջ
կը
գտնուի
Աբրահամի
անունը,
պատրիարք
կոչումով,
թէպէտեւ
այդ
կոչումը
Հայոց
կողմէ
ընդունուած
չէր,
զի
կրնար
հերձուածի
նշանակութիւն
տալ`
իբրեւ
Հայոց
հայրապետութենէ
բաժանեալ
աթոռ,
սակայն
մահմետական
պետութիւնները
սովորութիւն
ըրած
են
այդ
անունով
կոչել
իրենց
հպատակող
քրիստոնէից
եկեղեցական
գլխաւոր
պետերը:
Այս
սովորութեան
համաձայն
էր
Երուսաղէմի
Հայ
եպիսկոպոսներուն
իբր
պատրիարք
ճանչցուիլը,
եւ
պատրիարք
կոչուիլը
մահմետական
պետութեանց
կողմէն:
Իսկ
ազգային
շրջանակի
մէջ
թէպէտ
այդ
անունը
չունէին,
բայց
էին
գլխաւոր
պետ
մը
եւ
գրեթէ
կաթողիկոսական
փոխանորդ
մը
Պաղեստինի
եւ
Ասորիքի
մէջ`
Եգիպտոսի
սուլտանութեան
հպատակ
գաւառաց
վրայ:
Երուսաղէմի
մէջ
գտնուած
յիշատակներէն
21
անուններ
քաղուած
են
Երուսաղէմի
Հայ
եպիսկոպոսներու,
որոնք
պահած
են
աթոռին
յաջորդութիւնը
Է
դարէն
մինչեւ
ԺԳ
դարուն
վերջերը
(
ԲԱՌ.
29-41),
թէպէտեւ
ցուցակը
կատարեալ
չէ,
եւ
ընդհատումներ
ունի:
Լատիններու
իշխանութեան
ներքեւ
ալ,
որ
1099-էն
մինչեւ
1187
Երուսաղէմի
տիրեցին,
Հայ
եպիսկոպոսներու
շարունակութիւնը
պահուած
կ՚երեւի
(
ԲԱՌ.
36),
բայց
անոնց
դիրքը
աւելի
բարձրացաւ
Սալահետտինի
տիրապետութենէն
ետքը,
որ
Լատինաց
թշնամի
եւ
Յոյներէ
կասկածոտ
պէտք
տեսաւ
համարձակութիւն
տալ
Հայերուն
(
ԲԱՌ.
38),
քրիստոնէութեան
թշնամի
երեւցած
չըլլալու
համար:
Ռուբինեան
թագաւորներ
մասնաւոր
մտադրութիւն
դարձուցին
Երուսաղէմի
մէջ
Հայոց
դիրքը
բարձրացնելու
կալուածներով
եւ
հարուստ
ընծաներով,
որով
նշանաւոր
դիրք
մը
գրաւեցին
Հայերը
Երուսաղէմի
մէջ:
Իրենց
կեդրոնն
եղաւ
Ս.
Յակոբ
վանքը`
Սիոնի
բարձունքին
վրայ,
որ
աւելի
ճշդութեամբ
Ս.
Յակոբեանք
կը
կոչուի,
Տեառնեղբայր
եւ
Գլխադիր
Յակոբ
առաքեալներու
անունին
միանգամայն
նուիրուած
ըլլալուն
համար:
1262.
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ
ՊԱՏՐԻԱՐՔՆԵՐ
Ս.
Յակոբեանց
վանքին
վարդապետները
սկիզբէն
իվեր
նշանաւոր
դեր
մը
ունեցած
են
Հայութեան
համար,
ոչ
միայն
Հայ
եկեղեցւոյ
անունը
Յոյներու
եւ
Լատիններու
հանդէպ
պատշաճ
պատուոյն
վրայ
պահելնուն,
եւ
Հայոց
ստացութիւնները
հաւատարմութեամբ
պահպանելնուն,
եւ
հետզհետէ
ընդարձակելնուն
համար,
այլեւ
ամէն
պարագայի
մէջ
Հայ
Ուղղափառ
եկեղեցւոյ
եւ
հայադաւան
դրութեան
ամուր
պաշտպաններ
եղած
ըլլալնուն
համար:
Թէպէտ
Երուսաղէմ
ալ
օտար
դաւանութեանց
հետ
շփման
մէջ
էր,
սակայն
երբեք
անոնցմէ
չազդուեցաւ
օտարասիրութեան
զգացումով,
ընդհակառակն
աւելի
քաջալերուեցաւ
իր
հնաւանդ
դաւանութիւնը
եւ
սեփական
ծէսն
ու
սովորութիւնները
ամուր
պահպանելու,
մինչ
հակառակը
կը
գործուէր
Կիլիկիոյ
մէջ:
Պատճառը
յայտնի
է:
Երուսաղէմի
մէջ
չի
կար
Արեւմտեայց
օգնութեամբ
քաղաքական
շահեր
պաշտպանելու
տեսակէտը,
որ
Կիլիկեցւոց
գայթակղեցուցիչ
հրապոյրը
եղաւ:
Երուսաղէմի
աթոռը
իր
հաստատամտութիւնը
ցուցուց
ծռազատիկի
առիթներուն
ալ,
եւ
յաղթանակաւ
պանծացուց
իր
դրութիւնը
ճրագալոյցի
լոյսին
ցոլացումներովը
(§
1191):
Կիլիկեցւոց
ուղղութիւնը
բնաւ
արձագանգ
չգտաւ
Երուսաղէմի
մէջ,
եւ
գործը
իր
գերագոյն
նշանակութիւնը
ստացաւ
1307-ի
ժողովէն
ետքը,
երբ
Սսոյ
կանոնները
հռչակուեցան:
Սարգիս
էր
այդ
միջոցին
Երուսաղէմի
աթոռակալը:
1281-ին
աթոռ
բարձրացած`
Յակոբ
Կլայեցիին
օրով,
ուղղամիտ
եւ
հաստատամիտ
անձնաւորութիւն
մը,
ինչպէս
իր
գործերէն
ալ
յայտնուեցաւ:
Կոստանդին
Կեսարացիի
կաթողիկոսութեամբը
(§
1246),
եւ
քիչ
ետքը
Օշինի
թագաւորելովը,
նոր
զարկ
տրուեցաւ
Սսոյ
կանոններուն
(§
1250),
եւ
յանձնարարութիւններ
ու
բռնադատութիւններ
(§
1251)
մինչեւ
Երուսաղէմ
ալ
հասան,
սակայն
Սարգիսի
եւ
իրեններուն
համարձակ
դիմադրութեան
հանդիպեցան,
որոնք
բացարձակապէս
մերժեցին
այդ
որոշմանց
հպատակիլ,
եւ
Սսոյ
աթոռին
հետ
ներքին
յարաբերութիւնները
խզեցին
(
ՉԱՄ.
Գ.
313):
Այդ
եղելութեան
թուական
դրուած
է
1311
տարին,
որուն
կը
համաձայնի
Երուսաղէմի
պատմագիրն
ալ
(
ԱՍՏ.
Ա.
43):
Սարգիս,
որպէսզի
կարենայ
իր
դիրքը
ապահովել,
յատուկ
դիմում
ըրաւ
Եգիպտոսի
սուլտանին,
որ
Նասըր-Մուհամմէտն
էր
վերստին
գահ
բարձրացած,
եւ
նոր
հրովարտակով
զինքն
ճանչցնել
տուաւ
իբր
ինքնագլուխ
պատրիարք
Հայոց
եւ
եկեղեցական
պետ
Հայերու
եւ
անոնց
դաւանակից
ուրիշ
Արեւելցիներու,
ինչ
որ
դժուար
չէր,
քանի
որ
Եգիպտացիք
չէին
կրնար
բարեկամ
ըլլալ
Սիս
նստող
հայրապետին:
Այդ
առթիւ
Սարգիս
սկսաւ
պատրիարք
անունը
ազգային
շրջանակի
մէջ
ալ
գործածել,
եւ
կարմրադեղով
կնիք
դրոշմել
(
ԱՍՏ.
Ա.
201),
եւ
աւելի
ընդարձակ
իշխանութիւն
վարել:
1263.
ԱՌԱՋԻՆ
ԳՈՐԾԵՐԸ
Սարգիսի
գործը
հերձուած
մը
չեղաւ,
ինչպէս
եղած
էր
Աղթամարի
բաժնուիլը
(§
928),
զի
Սարգիս
չառաւ
կաթողիկոս
անունը,
եւ
ոչ
ալ
սեփականեց
եպիսկոպոս
ձեռնադրելու
իշխանութիւն,
որուն
բնաւ
նշանը
չկայ,
եւ
անշուշտ
Սիսէ
կը
ձեռնադրուէին
Երուսաղէմի
եպիսկոպոսները,
եւ
անոնց
մէջէն
կ՚առնուէին
պատրիարքները:
Սսոյ
աթոռն
ալ,
որ
արդէն
համակերպած
էր
Սսոյ
կանոններուն
չհնազանդող
վիճակները
իրմէ
չ՚օտարացնել,
եւ
Հայաստանի
ու
Փոքր
Ասիոյ
եւ
նոյնիսկ
Կիլիկիոյ
մէջ
ընդդիմադիրներու
հետ
յարաբերութիւններ
չի
խզել,
կը
բաւականանար
գոնէ
ձեռնադրութեան
ու
միւռոնի
պայմաններով
յարաբերութեան
մէջ
գտնուիլ,
ներքին
վարչական
գործերու
մասնակցութենէն
ու
հսկողութենէն
ձեռք
քաշելով:
Այդ
տեսութեամբ
ոչ
մի
բողոք
կամ
ընդդիմութիւն
կամ
վերապահութիւն
տեղի
չունեցաւ
Սսոյ
աթոռին
կողմէն
Սարգիսի
ձեռնարկին
դէմ,
որ
գործնականապէս
կատարեալ
իրողութեան
ձեւ
ունէր
արդէն,
Էօմէր
Խալիֆային
օրէն
Երուսաղէմի
Հայ
եպիսկոպոսներուն
ստացած
արտօնութիւններով:
Այսպէս
եղաւ
Երուսաղէմի
Հայ
պատրիարքութեան
սկզբնաւորութիւնը,
որ
հետզհետէ
աւելի
ամրացաւ
եւ
Հայ
եկեղեցւոյ
նուիրապետութեան
մասը
կազմեց:
Իսկ
պատրիարքական
իրաւասութեան
վիճակները
կապուած
մնացին
Եգիպտոսի
սուլտանութեան
սահմաններուն
հետ:
Սարգիսի
պատրիարքութիւնը
32
տարի
տեւած
կ՚ըսուի
իր
ընտրութենէն
սկսելով,
այլ
երկու
տարի
միայն`
իր
պատրիարքութիւնը
հռչակելէն
ետքը:
Այդ
միջոցին
նա
պարտաւորուեցաւ
անգամ
մըն
ալ
անձամբ
Եգիպտոս
երթալ,
խափանելու
համար
Վրաց
կողմէն
եղած
ոտնձգութիւնը,
որոնք
կ՚ուզէին
գրաւել
Ս.
Յակոբայ
վանքը
եւ
տէր
լինել
Հայոց
ստացութիւններուն:
Վրաց
թագաւորին
ինչ
հիմամբ
դիմում
ընելը
չի
բացատրեր
Երուսաղէմի
պատմագիրը
(
ԱՍՏ.
Ա.
202),
սակայն
դիւրին
է
նկատել,
թէ
Վրաց
թագաւորութիւնը
Թաթար
խաներու
հովանւոյն
ներքեւ
Հայաստանի
հիւսիսային
գաւառներու
կը
տէրէր,
եւ
այդ
տեսութեամբ
կրցած
է
ինքզինքը
իբր
Հայոց
թագաւոր
ցուցնել
եւ
Հայ
ստացութեանց
տէր
լինելու
ձգտիլ:
Բայց
որովհետեւ
Սարգիս
իր
ձեռքն
ունէր
Էօմէր
խալիֆայէն
ասդին
շնորհուած
հրովարտակները,
սուլտանն
անոնց
զօրութեամբ
հաւանեցաւ
Սարգիսի
պահանջին,
եւ
1312-ին
նոր
հրովարտակով
հաստատեց
Հայոց
իրաւունքները
(
ԱՍՏ.
Ա.
203):
Միւս
տարին
Սարգիս
կը
կնքեր
իր
բազմաշխատ
կեանքը,
եւ
Աստուածատուր
կը
շարունակէր
անոր
գործը:
Ատանայի
ժողովի
1317
տարին,
Աստուածատուրի
մահուան
եւ
Դաւիթի
յաջորդելուն
թուականն
է
(
ԲԱՌ.
44):
Սակայն
Երուսաղէմի
աթոռը
միանգամ
ընդ
միշտ
այդ
խնդիրներէն
մտադրութիւնը
հեռացուցած
էր,
որով
պէտք
չունեցաւ
զբաղիլ
Կիլիկիոյ
մէջ
արծարծուող
լատինամոլ
ձեռնարկներու
հետ:
Մենք
մտադիր
ըլլալով
Հայ
եկեղեցւոյն
պատկանող
բոլոր
տեղեկութիւնները
ամփոփել,
Երուսաղէմի
աթոռին
գործերուն
ալ
տեղ
պիտի
տանք
պատմութեանս
մէջ,
գլխաւոր
եւ
հանրութիւնը
շահագրգռող
պարագաները
քաղելով:
Այսպէս
է
օրինակի
համար
Դաւիթի
օրով
Վրաց
ձեռներէցութեան
կրկնուիլը,
որ
նոյնպէս
վերջացաւ
Հայոց
նպաստաւոր
կերպով,
եւ
1319-ին
տրուած
նոր
հրովարտակով
մը
հաստատուեցան
Հայոց
իրաւունքները
(
ԱՍՏ.
Ա.
204):
1264.
ԿՈՏՈՐԱԾՆԵՐ
ԵՒ
ԱՒԵՐԱԾՆԵՐ
Ատանայի
ժողովէն
ետքը
մինչեւ
Օշինի
մահը
անցնող
երեք
տարիները
խառն
ու
կցկտուր
եղելութեանց
միջոց
մը
կը
ներկայեն,
ուր
զանազան
դիպուածներ
իրարու
կը
խառնուին,
առանց
իրական
եւ
կարեւոր
օգուտ
մը
արտադրելու:
Հին
Սելճուքեան
սուլտանութեան
բեկորներէն
կազմուած
տէրութիւն
մըն
ալ
Գարամանի
իշխանութիւնն
էր,
Հայոց
թագաւորութեան
դրացի,
որ
1318-ին
յանկարծական
ասպատակ
մը
սփռեց
մինչեւ
Տարսոնի
կողմերը.
այլ
պարտաւորուեցաւ
յետս
նահանջել
Կոռիկոսի
իշխան
Օշինի
գունդին
առջեւ,
որ
կոտորեաց
զնոսա
Աստուծով
եւ
դարձաւ
ուրախութեամբ
(
ՍՄԲ.
128):
Բայց
անոնց
ետեւէն
կը
հասնէին
Եգիպտացիք,
եւ
բաւական
աւերածներ
կը
գործէին,
ու
մինչեւ
Սիս
կը
հասնէին
1319-ին:
Անգամ
մըն
ալ
Օշին`
պապին
դեսպաններ
ղրկելով
օգնութիւն
կը
յուսար
ստանալ,
քանի
որ
անոր
կամքը
կատարած
էր,
լատինական
հաւատք
ու
ծէս
մուծանել
ջանալով
Հայոց
մէջ,
բայց
այս
անգամ
ալ
ձեռք
ձգածը
պարզ
յանձնարարական
մըն
էր
Գաղղիոյ
թագաւորին
ուղղուած
(
ՍԻՍ.
558):
Յիշենք
եւս
Օշինի
եւ
Կիպրոսի
Հենրիկոս
թագաւորի
մէջ
արծարծուած
գժտութիւնը,
հինէն
տեղի
ունեցած
ընտանեկան
վէճերու
հետեւանօք
(§
1252),
որոնք
լաւ
ազդեցութիւն
չէին
ըներ,
զի
քրիստոնեայ
իշխանութեանց
երկու
մնացորդներն
էին
Հայոց
եւ
Կիպրոսի
թագաւորութիւնները,
եւ
Արեւմուտք
կը
յուսար,
թէ
անոնք
բաւական
պիտի
ըլլան
վերականգնել
Երուսաղէմի
քրիստոնեայ
թագաւորութիւնը,
որչափ
ալ
ինքը
պէտք
եղած
օգնութիւնը
կը
զլանար:
Յովհաննէս
պապ
յորդորականներով
եւ
քննիչներ
ղրկելով
կ՚աշխատէր
առջեւն
առնուլ
այդ
վտանգաւոր
դժուարութեանց,
սակայն
հիմնական
արդիւնք
մը
չէր
ստանար
(
ՍԻՍ.
558):
Յիշենք
եւս
ահաւոր
երկրաշարժը,
որ
1319-ին
մեծամեծ
վնասներ
հասուց
Արեւելեան
կողմերը:
Գեղարքունի
գաւառին
մէջ
ընկղմեաց
զբազում
գիւղս
հանդերձ
արամբք,
եւ
Արտազու
Ս.
Թադէոսի
մեծ
վանքն
ու
եկեղեցին
ալ
կործանեաց,
եւ
զտունս
փլոյց,
եւ
շատեր
աւերակներու
ներքեւ
թաղեց,
սակայն
Զաքարիա
արքեպիսկոպոս,
ջանաց
աւերածները
նորոգել
(
ՍԱՄ.
157):
Այս
այն
երկրաշարժն
է,
որուն
մէջ
Անի
ալ
վնասուեցաւ,
եւ
որ
Երզնկացիին
անէծքին
վերագրուեցաւ
(§
1240):
Կոստանդին
Կեսարացին
կաթողիկոսին
եւ
Օշին
թագաւորին
կողմէ,
յատուկ
գործունէութեան
նշաններ
չեն
երեւիր
այդ
միջոցին:
Լատինամոլ
ձեռնարկներէն
յուսախաբ,
եւ
Լատիններու
օգնութենէն
ալ
յուսահատ,
միւս
կողմէն
իրենց
ուղղութիւնն
ալ
փոխելու
արիութենէն
զուրկ,
թերեւս
եւ
ամօթապարտ,
քաշուած
եւ
անգործ
դիրք
մը
առած
կը
տեսնուին:
1265.
ՕՇԻՆԻ
ՄԱՀԸ
Այդ
կացութեան
մէջ
տեղի
կ՚ունենայ
Օշինի
մահը
1320
յուլիս
20-ին
(
ՍԻՍ.
558),
իսկ
Յայսմաւուրքի
համեմատ
19-ին
(
ՅԱՍ.
Ա.
262):
Պարագաները
յայտնի
չեն,
այլ
անողոք
ախտի
մը
հետեւանք
եղած
պիտի
ըլլայ
Օշինի
մահը,
զի
դեռ
37
տարեկան
էր,
եւ
ոչ
ալ
պատահական
արկած
մը
կը
յիշուի,
ինչպէս
հանդիպած
էր
Ալինախ
եղբօրը
(§
1259):
Միւս
կողմէն
Օշին
իր
մօտալուտ
մահը
ինքն
ալ
զգացած
պիտի
ըլլայ,
որ
նախահոգ
զգուշութեամբ
պէտք
տեսաւ
յաջորդութեան
գործը
կարգադրել:
Միակ
զաւակ
մը
ունէր
իր
առաջին
կնոջմէն`
Զապէլէ
(§
1254),
զի
երկրորդ
կնոջմէն
Յովհաննայէ
ունեցած
զաւակը
սակաւակեաց
եղած
էր
(
ԴԱՐ.
27):
Լեւոն
արքայորդին
հազիւ
10
տարեկան
էր
(
ՍԱՄ.
157),
թէպէտ
ութը
տարեկան
կարծող
ալ
կայ
(
ԴԱՐ.
27),
եւ
անհնար
էր
որ
կարենար
գլուխ
կանգնել
թագաւորութեան,
ուստի
Օշին
հոգաց
զօրաւոր
խնամակալութիւն
մը
կազմել
իր
որդւոյն,
որ
հոգան
սնուցանել
զորդին
իւր
եւ
ծառայել
միամտութեամբ
մինչեւ
ի
տասն
ամս,
եւ
ապա,
այսինքն
քսան
տարեկան
եղած
ատեն,
յանձնել
զաթոռ
թագաւորութեան
եւ
զաշխարհս
յորդին
իւր
Լեւոն
(
ՍԱՄ.
157):
Ընտրուած
խնամակալներուն
առաջինն
էր
Օշին
իշխան
Կոռիկոսի`
Հեթում
պատմիչի
որդին
եւ
Օշին
թագաւորի
աներձագը,
որ
այնուհետեւ
Պայլ
անունը
առաւ,
իբրեւ
առաջին
եւ
բուն
խնամակալ
թագաւորութեան:
Խնամակալութեան
միւս
անդամակիցներն
էին
Կոստանդին
մարաջախտ`
Օշին
Կոռիկոսեանի
եղբայրը,
եւ
Հեթում
Նզիրի
իշխան`
թագաւորական
սենեկապետը
(
ՍԱՄ.
157):
Ոմանք
չորրորդ
անդամակից
մըն
ալ
կ՚աւելցնեն,
Բաղդովինոս
կամ
Բօթին
կամ
Պաղտին
անունով,
այլ
որովհետեւ
մարաջախտութիւնը
անոր
կը
վերագրեն
(
ԴԱՐ.
28),
կրնայ
շփոթութենէ
յառաջ
եկած
անուն
մը
երեւնալ,
այնպէս
որ
ոմանք
Կոստանդինի
տեղ
մինակ
Պաղտինը
կը
նշանակեն
իբր
խնամակալ
(
ՍԻՍ.
558):
Սակայն
առաջիկային
յատկապէս
Պաղտինի
զաւակները
պատմական
դերերու
մէջ
կը
յիշուին:
Այսպէս
Օշին
յաջորդութեան
գործը
կարգադրելով,
կեանքը
կը
կնքէ
տակաւին
երիտասարդութեան
մէջ,
լատինամոլութեամբը
սերմանած
գժտութիւնները,
եւ
Հայոց
դէմ
դրացի
տէրութեանց
գրգռութիւնները
միայն
թողլով
իր
ետեւէն:
Մարմինը
սովորութեան
համեմատ
թաղուեցաւ
Դրազարկի
մէջ
(
ՍԱՄ.
157):
Օշին
Կոռիկոսեան
անմիջապէս
ձեռք
առաւ
երկրին
կառավարութիւնը,
եւ
տէր
կանգնեցաւ
մանուկ
թագաւորին
եւ
այրի
թագուհւոյն:
Հանդիսապէս
օծել
եւ
թագադրել
տուաւ
զդեռաբոյսն
Լեւոն,
հարկաւ
Սիսի
մէջ,
Կեսարացի
կաթողիկոսին
ձեռքով:
Թուականը
թէպէտ
1321
ցուցուած
է
(
ՍՄԲ.
128),
սակայն
չենք
կարծեր,
թէ
շատ
ուշացած
ըլլայ,
եւ
առաւելն
յունուար
6-ին
Աստուածայայտնութեան
տօնին
թողուած
ըլլայ
հանդիսութիւնը,
որ
ուրիշ
առիթներու
մէջ
ալ
իբր
պատեհ
օր
նկատուած
էր:
Օշին
Պայլ
իր
իշխանութիւնը
աւելի
զօրացնելու
համար,
ամուսնացաւ
այրի
թագուհի
Յովհաննայի
հետ,
որուն
անձամբ
ընկերացած
է
Նէապոլիսէ
գալուն,
եւ
այն
ատեն
հարաւ
ի
սէր
նորա
(
ԴԱՐ.
28),
իսկ
իր
առջի
կնոջմէն
ունեցած
Ալիծ
աղջիկը
մանուկ
թագաւորին
հետ
ամուսնացնելով
թագուհի
հռչակեց,
եւ
ինքն
ալ
թագաւորահայրի
կերպարանը
առաւ:
1266.
ՕՇԻՆ
ԽՆԱՄԱԿԱԼ
Օշինի
ընթացքը
իբրեւ
խնամակալ,
բռնակալի
հովեր
սկսաւ
առնել
անիրաւ
գրաւումներով:
Կոռիկոսեանք
շատ
բերդեր
ապրանք
առին,
որ
չէր
իւրեանց
սահմանով
ապրանք
(
ՍԻՍ.
340),
եւ
ինքն
Օշին
զառածաւ
յանգթութիւն,
իրեն
դէմ
ելլողները
ետ
սրախողխող
առնել,
եւ
զայլս
հալածել
(
ԴԱՐ.
29),
եւ
երբ
հակառակութիւնները
կը
շատնային,
ինքն
զօրութեամբ
կը
ճնշէր:
Քաղաքական
ուղղութեամբ
ալ
կատարելապէս
լատինամոլ
ընթացքին
կը
հետեւէր,
եւ
Յովհաննէս
պապ
ուղղակի
անոր
հետ
կը
թղթակցէր,
Օշին
մինչեւ
այն
կէտը
կը
հասկցնէր
շողոքորթութիւնը,
որ
Կոռիկոսի
եպիսկոպոս
մըն
ալ
հաստատելու
համար
պապին
կը
դիմէր
(
ՍԻՍ.
340):
Այս
ամէնը
Լեւոն
Ե
ի
անուանական
թագաւորութեան
առաջին
երկու
տարիներուն
մէջ
կատարուած
իրողութիւններ
են:
Փափաքելի
էր,
որ
երբ
ներքինը
բարեկարգ
չէր,
գոնէ
արտաքինը
բարեկարգ
հանդարտ
ըլլար.
մինչ
ընդհակառակն,
որչափ
Հայերն
դէպ
արեւմուտք
կը
միտէին,
այնչափ
Եգիպտացիք
իրենց
թշնամութիւնը
կը
սաստկացնէին,
եւ
նոյն
փաստով
Թաթարներուն
ալ
աչքին
կասկածաւոր
կը
ցուցնէին
Հայերը:
Այս
կերպով
կը
կազմուէր
այլազգիներու
համերաշխ
գործակցութիւնը
Հայերուն
դէմ,
Թիմուրթաշ
Թաթարը
հիւսիսէն,
Ամիրօմար
Թուրքը
արեւելքէն,
եւ
Նասըր-Մուհամմէտ
սուլտան
հարաւէն:
Թիմուրթաշ
առաջին
անգամ
քարուքանդ
ըրաւ
Կիլիկեան,
ուր
նշանաւոր
Հայ
զօրավարներ
ալ
սպաննուեցան,
Կիօդին
տէր
Կանչոյ`
Օշինի
եղբայրը,
Հեթում
իշխան
Ջլկանոցի,
Կոստանդին
անոր
եղբայրը,
Վահրամ
Լօտիկ,
Օշին`
Կոստանդին
մարաջախտի
որդին,
եւ
ուրիշ
21
նշանաւոր
ասպետներ
(
ՍՄԲ.
130):
Իսկ
Եգիպտացիք
Այաս
զօրաւոր
բերդին
վրայ
թափթփեցին
իրենց
ոյժը,
եւ
մեծամեծ
աւերներ
հասուցին,
եւ
աւարով
ու
գերութեամբ
ետ
դարձան:
Օշին
խնամակալ
եւ
Կոստանդին
կաթողիկոս
Յովհաննէս
պապին
դիմեցին
նորէն,
իսկ
սա
ժողով
գումարեց
Հայոց
օգնելու
համար,
ուր
հարկաւ
նախապէս
անոնց
դաւանութիւնը
քննեցին
իբր
պայման:
Արդիւնքն
եղաւ
որ
պապը
1322
դեկտեմբեր
26-ին
կոնդակով
բոլոր
քրիստոնեաները
կը
հրաւիրէր
Հայոց
համար
աղօթելու
(
ՍԻՍ.
558),
բայց
զինուորական
եւ
նիւթական
օգնութիւն
չէր
հասցնէր:
Կաթողիկոսն
ու
խնամակալը
շատ
աւելի
օգտակար
գործ
ըրած
պիտի
ըլլային,
եթէ
Հայոց
ներքին
անհամաձայնութեանց
պատճառները
վերցնելու
աշխատէին,
որովհետեւ
օտարներուն
իսկ
աչքին
զարկած
էր,
թէ
երկպառակութիւն
էր
ի
մէջ
նոցա,
եւ
անմիաբան
լեալ
յիւրեանս`
ընդ
միմեանս
կռուէին
եւ
ի
միմեանս
վանէին
(
ՉԱՄ.
Գ.
321):
1267.
ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԻ
ՄԱՀԸ
Կոստանդին
Կեսարացի
կաթողիկոս
ծերացած
էր
արդէն,
եւ
չէր
կրնար
անզգայ
մնալ
այլ
եղերական
պատահարներու
հանդէպ,
զի
խիղճն
ալ
պէտք
էր
վրդովուէր,
թէ
լաւ
ծառայութիւն
մը
չէր
ըրած
ազգին
եւ
եկեղեցւոյն,
իր
լատինամոլ
ուղղութեամբ,
եւ
երկպառակութեանց
որոմը
աճեցնելով:
Մահը
տեղի
ունեցած
կ՚ըլլայ,
1323-ին,
զի
16
տարի
տեւողութիւն
տրուած
է
անոր
կաթողիկոսութեան
(
ՍԱՄ.
155),
որ
սկսաւ
1307-ին
(§
1245):
Ըստ
այսմ
1323
տարին
եղած
է
յաջորդին
թուականը
(
ՍԱՄ.
158),
ինչչափ
ալ
ուրիշ
տեղ
1322
գրուած
ըլլայ
(
ՍՄԲ.
130):
Կը
կարծենք
թէ
այդ
տարբերութիւնը
շուտով
կը
համաձայնի,
Կեսարացիին
մահը
1322-ին
վերջը
դնելով,
զի
ի
տօնի
Ծննդեան,
որ
է
յունուար
6-ին,
կը
դրուի
յաջորդին
կաթողիկոսանալը
(
ՍՄԲ.
130):
Կեսարացիին
վրայ
դատողութիւննիս
առիթ
ունեցանք
յայտնել
պատմութեանս
ընթացքին,
թէ
իրաւամբ
իրեն
տրուած
է
առաջին
աղթամայ
ի
Սիս
(
ՍԱՄ.
152)
կոչումը,
եւ
Կոստանդին
Հերձուածող
մակդիր
անունը
(
ԴԱՎ.
335),
որովհետեւ
ինքն
եղաւ,
որ
պաշտօնական
ձեւ
եւ
գործադրական
ոյժ
տալ
աշխատեցաւ
այն
ամէն
նորութեանց`
զորս
իր
նախորդը
իբր
ծրագիր
եւ
առաջարկ
մէջտեղ
հանած
էր:
Ընդհանուր
կարծիքով
Անաւարզեցին
է,
որ
սաստիկ
կը
դատափետուի
իր
լատինամոլ
ընթացքին
համար,
սակայն
ստոյգը
ուզելով
ըսել,
Անաւարզեցիին
ըրածը
շատ
կը
թեթեւնայ
Կեսարացիին
գործին
հանդէպ,
զի
գոնէ
Անաւարզեցին
չի
համարձակեցաւ
իր
ծրագիրին
գործադրութիւնը
պահանջել
ժողովական
որոշումէ
առաջ,
ուր
կը
կարծէր
միամտաբար
բոլոր
եպիսկոպոսներն
ու
վիճակները
համոզել,
մինչ
Կեսարացին
անկանոն
ժողովներով
եւ
անտեղի
ճամբաներով
ուզեց
պաշտօնական
զօրութիւն
կազմել,
եւ
անոնց
կրթելով
քաջալերեց
Օշինի
բռնական
ձեռնարկները
(§
1251):
Այս
առթիւ
անգամ
մըն
ալ
պիտի
կրկնենք,
թէ
պէտք
չէ
Կեսարացին
Կատուկեցիին
հետ
շփոթել
(§
1245),
եւ
ոչ
ալ
Կոստանդին
Բ
Կատուկեցի
կաթողիկոսին,
առաքինի
հայրապետին
եւ
խոնարհամիտ
հրաժարողին,
օրհնեալ
յիշատակը
աղարտել,
Կոստանդին
Գ
Կեսարացիին
նման
մէկու
մը
գործերը
անոր
վերագրելով:
1268.
ԳՐԻԳՈՐ
ԿԱՐՆԵՑԻ
Ժամանակին
նշանաւոր
անձնաւորութիւններէն
պիտի
յիշենք
Կարնոյ
եպիսկոպոս
Գրիգորը,
որ
վկայութեամբ
նահատակուած
է
1321
յունիս
20-ին
շաբաթ
օր,
որ
այն
տարի
Ելն
ի
վիրապէ
յիշատակը
կ՚իյնար,
թէպէտ
Յայսմաւուրքը
յունուար
29-ին
գրած
է,
շարժական
եւ
անշարժ
տոմարներուն
համեմատութեան
շփոթութեանց
պատճառով
(
ՆՈՐ.
128):
Թիմուրթաշ
Թաթար
զօրավարը,
որ
Երկաթաքար
կը
թարգմանուի
(
ՆՈՐ.
122),
Կիլիկիան
աւերելէն
ետքը
(§
1266),
Կեսարիայի
վրայէն
Կարին
անցաւ,
եւ
քաղաքին
Գրիգոր
եպիսկոպոսին
եւ
անոր
հօրեղբայր
տէր
Պապ
քահանային
վրայ
սկսաւ
բռնանալ
եկեղեցիները
կողոպտելու
համար,
եւ
մինչեւ
իսկ
իր
հրամանով
ըմբռնութեամբ
կապեալ
թլփատեցին
անոնք
(
ՆՈՐ.
123),
իսկ
եպիսկոպոսը
միշտ
իր
հաստատամտութիւնը
յայտնելէ
չի
կասեցաւ,
այս
պատճառով
երկար
տանջեցին
զայն
սաստիկ
գանակոծելով,
ջիղերը
կտրելով,
եւ
աղով
վէրքերը
շփելով,
որոնց
արիութեամբ
համբերեց
եպիսկոպոսը:
Բանտարկութեան
ատեն
գաղտնի
կերպով
յաջողեցաւ
հաղորդ
բերել
տալ`
ճաշակ
առնել
եւ
մահուան
պատրաստուիլ,
ինչ
որ
տեղի
ունեցաւ
գլխատմամբ
քաղաքին
հրապարակը:
Մարմինը
երեք
օր
բացի
թաղուելէն
ետքը,
հրաման
եղաւ
թաղել,
եւ
ամփոփուեցաւ
Ս.
Սարգիս
եկեղեցւոյն
քովը
(
ՆՈՐ.
127),
որ
այժմ
չկայ,
բայց
այս
անունով
այսօր
ալ
աւերակի
տեղ
մը
կը
ցուցուի
քաղաքին
մէջ:
Իսկ
քաղաքին
գլխաւոր
եկեղեցին
Ս.
Կարապետ
անունով
կը
յիշատակուի
(
ՆՈՐ.
124):
Ժամանակակից
ուրիշ
վկայ
մըն
ալ
կը
յիշուի,
Զուատ
անունով,
որ
տարաժամ
հասակի
սպանաւ
յանօրինաց
եւ
խառնեցաւ
ընդ
մարտիրոսացն,
ինչպէս
կը
գրէ
իր
եղբայրն
Սարգիս
աբեղայ,
հաւաքածոյի
մը
յիշատակարանին
մէջ,
զոր
գրած
է
1317-ին
Վայոց
ձորի
Գայլեձոր
վանքը
(
ՍԻՆ.
133)։