Ազգապատում. հատոր Բ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ՊՕՂՈՍ Ա. ՍՍԵՑԻ

1336. ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԾԱԳՈՒՄ

Պօղոսի ընտրութիւնը կատարուեցաւ Լեւոնի Կոռիկոս հասնելէն քիչ առաջ կամ ետքը, թագաւորութեան չորս տեղակալներուն պաշտօնավարութեան միջոցին եւ անոնց ազդեցութեամբ, այլ թէ ո՞վ էր Պօղոս, ի՞նչ էր իր նախընթացը, եւ ո՞ր արժանիքովը կաթողիկոսութեան բարձրացաւ, մեզի համար մթութեան մէջ կը մնան: Ծննդավայրն ալ կը մնայ անծանօթ, եւ Սսեցի մակդիր անունը յարմար տեսած ենք իրեն, հայրապետական աթոռանիստ քաղաքէն, եւ նոյն քաղաքին մէջ գտնուելէն, զի հարկաւ դժուար էր հեռուէն կաթողիկոս ընտրել եւ հաստատել: Մենք անհրաժեշտ դատած ենք, իւրաքանչիւր հայրապետի մակդիր անուն մը գործածել, վասն զի կարգի թուահամարը, որով սովոր են յիշուիլ գահակալներ եւ աթոռակալներ, հին ատեններ գործածական չէ եղած, եւ նորերուն ալ կազմածները իրարու անյարմար են, եւ հնար չէ իբրեւ որոշիչ յատկանիշ կամ յատուկ անուն մը ճանչնալ կարգի թուահամարները: Այսպէս նոյն ինքն Լեւոն Ջիւանեանը, որուն վրայ կը խօսինք, ոմանց համար Լեւոն Զ է, մինչ ուրիշներէն Լեւոն Ե կը կոչուի: Նոյնպէս իրենց կարգին դիտել տուած ենք Յովհաննէս եւ Կոստանդին կաթողիկոսներու թուահամարները: Այս պատճառով պատմութեանս մէջ ալ շատ մտադրութիւն չենք դարձուցած թուահամարով յիշելու մեր կաթողիկոսներն ու թագաւորները: Պօղոս կաթողիկոս ակնկալութեանց միջոցին պաշտօնի անցաւ` կարծելով թերեւս Լեւոնի հասնելովը վտանգեալ թագաւորութեան բախտը լաւին դարձած տեսնել, եւ յուսալով որ Հայ ազգութիւնն ու Հայ եկեղեցին իրենց վտանգալից տագնապէն ազատելով, պիտի կարենան նորէն կենդանանալ` իրենց կատարեալ իսկութեամբ եւ ապահովեալ ինքնութեամբ: Պօղոս իր գործերովը զգացման եւ գաղափարի տէր անձ մը կը ներկայանայ, եւ լաւագոյն պարագաներու մէջ արդիւնաւոր գործունէութիւն վարելու կարող: Դժբախտաբար այնպիսի օրերու մէջ աթոռ բարձրացաւ, որ պարտաւորուեցաւ կործանման լրումը տեսնել, եւ ազգային իշխանութեան եւ բնիկ թագաւորութեան վերջանալուն ականատես վկան ըլլալ, պաշտօնական դեր ալ վարելու ստիպուած ըլլալով:

1337. ԼԵՒՈՆԻ ՀԱՍՆԻԼԸ

Լեւոն Կոռիկոս հասնելուն պէս չփութաց ուղեւորիլ դէպի Սիս. արդէն Կիպրոս եղած ատեն ըսած էր, թէ հարկ էր մնալ ամիսս չորս ի Կոռիկոս ( ԴԱՐ. 89): Այս միտքը թերեւս մերձաւոր ձմեռուան համար էր, բայց գարունին հասած ըլլալով ալ կղզեակին մէջ մնաց, յանդուգն ձեռնարկի մը ծրագիրով, այն է Տարսոնի տիրանալ, ուր միայն 300 զինուորներ ունէին Եգիպտացիները, իսկ բնակիչքն համօրէն էին Հայք քրիստոնեայք ( ԴԱՐ. 90): Հազար հոգիի գունդ մը ուզեց կազմել` բայց չյաջողեցաւ, Գենուացիներէն նաւեր ուզեց` բայց զլացուեցաւ, իր գաղտնի խորհուրդը Կոռիկոսի բերդակալին յայտնեց` որ Տարսոնի ամիրային լուր տուաւ, վերջապէս Կիպրոսէ զինուորներ ուզեց մինչեւ Սիս ընկերանալու համար` եւ այս անգամ ալ ամբաստանուեցաւ թէ Գենուացւոց դէմ Կիպրոս արշաւելու կը պատրաստուի: Գենուացիք անմիջապէս երկու ցռկանաւ ճամբայ հանեցին Լեւոնը ձերբակալելու եւ ետ բերելու, որով Լեւոնի հարկ եղաւ շտապել եւ գիշերախառն փախչիլ ու հեռանալ, Կոռիկոսի Հայ եպիսկոպոսին եւ Հայ գլխաւորներուն միջնորդութեամբ, եւ Տարսոն չի հանդիպելու երդումով: Երկու նաւեր ճարեց, մայրն ու կինը քանի մը հետեւորդներով Կոռիկոսի բերդը ղրկեց, անկէ ալ այս ինչ օր` այս ինչ տեղ երթալ ու հոն սպասել հրամայեց ( ԴԱՐ. 97): Ինքն ալ գիշերուան մութին չորս հոգիով նաւ մը մտաւ ու գաղտ մեկնեցաւ, եւ առաւօտուն իր զինակիրն Սոհիէ Դուլկարտ միւս նաւին մէջ մտաւ 25 աղեղնաւորներով եւ 25 հեծեալներով, եւ իրարու միացան, Կոռիկոսէ 30 փարսախ հեռու Գոնդասլաս ծոցը ( ԴԱՐ. 98): Արեւ մտնելէն ետքը անկէ մեկնեցան` հեծեալներու եւ աղեղնաւորներու եւ երկու ուղեցոյցներու ընկերակցութեամբ, բայց շտապելու համար հետի աղեղնաւորները ետեւ թողուցին մէկ ուղեցոյցով, եւ միւս ուղեցոյցին հետ ու միայն հեծեալներով երկուս տիւս եւ երկուս գիշերս առանց իջանելոյ յերիվարաց, արշաւասոյր վազքով ( ԴԱՐ. 99) Սիս հասան 1374 յուլիս 26-ին ( ԴԱՐ. 112), եւ քաղաքէն երեք փարսախ հեռու հանգիստ առին: Յանկարծական լուրը քաղաքը դղրդեց: Պօղոս կաթողիկոս, զոր Հայեր ունէին իբրեւ զպապն աշխարհին ( ԴԱՐ. 99), բոլոր եպիսկոպոսներ ու վարդապետներ, եւ քաղաքին մեծամեծ եւ փոքունք, արք եւ կանայք, եւ բազմութիւն երաժշտաց պէսպէս նուագարանօք դիմաւորելու վազեցին, եւ մեծ հանդէսով քաղաք առաջնորդեցին, եւ նորէն ոգեւորուեցան, մինչ բոլորովին շուարած, եւ Լեւոնին գալէն ալ յոյսերնին կտրած, անձնատուր լինելու միտքեր կ՚որոճային: Միւս օրը յուլիս 27-ին հաւատարմութեան երդումը կատարուեցաւ, եւ չորրորդ օրը յուլիս 29-ին, 150 Հայ հեծեալներ ճամբայ ելան Լեւոնի մայրն ու կինը եւ հետեւորդները բերելու, եւ ողջմամբ Սիս հասուցին ( ԴԱՐ. 102): Անկէ ետքը Լեւոնին առաջին գործը եղաւ իր տեղակալներէն հաշիւ առնել, պահանջելով առաջին թագաւորներէն մնացած գանձերը, եւ տեղակալութեան միջոցին գանձուած գումարները: Բայց սպասուած քանակը չգտնելով, սկսաւ նեղել չորս տեղակալները, որ էին Մարիամ ու Ռէմի տիկիններ, եւ Բարթողիմէոս ու Վասիլ իշխաններ: Անոնք շփոթ պարագաներուն երեսէն մեծամեծ ծախքեր ըրած ըլլալնին պատճառեցին, բայց Լեւոն չգոհանալով, խոստովանահայրերը մտցուց գործին մէջ ( ԴԱՐ. 107), եկեղեցականներն ու աւագանին ժողով գումարեց, Վասիլ Թորոսեանն ու Կոստանդին Հեթումեանի այրին բանտարկեց, խիստ հարցուփորձի ենթարկեց, բայց նիւթական արդիւնք մը չի կրցաւ ձեռք ձգել, եւ իբր ներելով գործը փակեց ( ԴԱՐ. 111):

1338. ՕԾՈՒՄԻ ԽՆԴԻՐԸ

Կարգը եկաւ թագաւորական օծման հանդէսը կատարելու, եւ Հայերը կը պահանջէին, որ նախնի թագաւորներու սովորութեան համեմատ կաթողիկոսը կատարէ զայն: Լեւոն բացարձակապէս մերժեց Հայերուն առաջարկը, յայտարարելով թէ մեք հնազանդ եմք եկեղեցւոյն Հռոմայ, եւ ունիմք զկաթողիկէ հաւատս, զոր պարտ է եւ ձեզ ունել, ուստի կը պնդէր թէ չի կրնար Հայոց միւռոնով Հայոց կաթողիկոսէն օծուիլ, եւ այս պատճառով` մէկտեղ բերած է Նեբրոնի լատին եպիսկոպոսը Փրանկիսկեանց միաբանութենէն, որ եւ եբեր ընդ իւր ի Կիպրոսէ զիւղն օրհնութեան. եւ իբր փաստ կ՚աւելցնէր, որ եթէ պապը լսէ որ Հայոց միւռոնով օծուած է, այլեւս օգնութիւն չի ղրկեր: Հայեր չէին կրնար հաւանիլ այդ յայտարարութեանց, ուստի քրթմնջէին ընդ այն զի ոչ կամէր պսակիլ ըստ նոցայն օրինի ( ԴԱՐ. 113): Լեւոն տեսնելով, որ գործը կրնայ տգեղ հետեւանքի մը յանգիլ, իբրեւ մեծ շնորհ եւ իբրեւ վերջնական զիջում հաւանեցաւ, որ Նեբրոնի եպիսկոպոսը եւ Հայոց կաթողիկոսը զատ զատ պատարագեն, եւ արարողութեան ատեն Լատին եպիսկոպոսը աջ կողմը կենալով, նախ օծէ եւ կարգը լրացնէ, ու վերջէն Հայ կաթողիկոսը ձախ կողմը կենալով ինքն ալ օծումը ընէ: Երբոր Լեւոն վերջնականապէս պնդեց, թէ այս ձեւէն զատ, այլապէս առնել չկամիմք բնաւ երբեք, Հայերը ստիպուեցաւ հաւանիլ, բայց չենք կարծեր թէ գոհացեալ եւ ուրախութեամբ, ինչպէս կ՚ուզէ հաւաստել Լեւոնի լատին գովաբանը ( ԴԱՐ. 114): Հանդէսը տեղի ունեցաւ Ս. Սոփիա մայր եկեղեցւոյն մէջ 1374 սեպտեմբեր 14-ին, Խաչի Վերացման տօնին օրը, այն ալ լատին ծէսով, որովհետեւ օրը հինգշաբթի եղած է այն տարին եւ Խաչվերացի կիրակին 17-ին կ՚իյնար: Թագադրութիւնը կատարուած է Մարգարիտ թագուհւոյն վրայ ալ հաւասարապէս, իսկ շնորհաբաշխութիւնը եղած է միայն Սոհիէ Դուլկարտ եւ Մատթէոս Շապպ լատին ասպետներուն: Առաջինը մարաջախտ անուանուած եւ Լեւոնի այրիին, Ռեմի կոմսուհիին հետ ամուսնացած է, եւ երկրորդը դիւանապետ անուանուած ու Կոստանդին Հեթումեանի այրիին հետ ամուսնացած է: Օծման խնդիրը, եթէ մէկ կողմէն կը յայտնէ Հայ եկեղեցւոյն եւ Հայ ազգին նկատմամբ Լեւոնի տածած աննպաստ եւ անարգական զգացումները, միւս կողմէն կը հաստատէ թէ Կիլիկիոյ Հայութիւնը հռոմէականութեան չէր հետեւած, եւ կաթողիկոսն ու եկեղեցականութիւնն ալ լատինամոլներ չէին եղած, ինչպէս ոմանք կը սիրեն պնդել: Նոյն պարագայն լուսաւոր կերպով կը մեկնէ այն հակակրութիւնն ու պաղութիւնը, որ այս վայրկեանէն սկսած է ցուցուիլ Հայոց կողմէ Լեւոնին հանդէպ, որովհետեւ Լեւոնի նպատակն եղած է, ոչ թէ Հայոց թագաւորութիւնն ու եկեղեցին պաշտպանել, այլ ինչպէս ինքն իսկ յայտարարած է, եկած է պաշտպան կալ կաթողիկեայ հաւատոյ ( ԴԱՐ. 108) հռոմէադաւանութեան տեսակէտով: Ըստ այսմ եթէ Լեւոնի գալուստը օգուտ մը չունեցաւ Հայոց թագաւորութեան, եւ եթէ կերպով մը փութացուց անոր վերջնական կործանումը, նորէն լատինութեան խնդիրը պէտք է ճանչնանք իբր անոր պատճառը:

1339. ՆՈՐ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐ

Հայոց թագաւորութեան այն օրերու կացութիւնը իմանալու համար բաւական ըլլայ գիտնալ, թէ Եգիպտացիներ կ՚ասպատակէին մինչեւ ի դրունս քաղաքին Սսոյ, թէ Սսեցիք 8 տարիէ իվեր ոչ կարէին սերմանել եւ մշակել զանդս իւրեանց, եւ այս պատճառով թշնամիներու հատուցանէին հարկս զի հայթայթեսցեն զպիտոյս քաղաքին ( ԴԱՐ. 115): Լեւոն ալ կ՚առաջարկէ դարձեալ վճարումները շարունակել, բայց Տավուտ զօրավար Լեւոնի պատգամաւորները կը բանտարկէ, եւ նպարներու առաքումը կ՚արգելու, ինչ որ Դարդէլի պատմելով յառաջ եկած է Սսեցիներէն ոմանց երկու կողմերու տարբեր քսութիւններ ընելէն եւ հակառակութիւնը արծարծելէն: Իրաւ պատմիչը որոշ փաստ մը չի ցուցներ իր կասկածը հաստատելու, բայց անհնար չէ որ Լեւոնի Հայոց դէմ ըրած նախատինքը` ոմանց նախանձայուզութիւնը գրգռած ըլլայ: Լեւոն քաղաքէն դուրս յարձակում մը կը կարգադրէ, իւրաքանչիւրին կորզած աւարը իրեն թողլու պայմանով, ինչ որ յաջողութեամբ կը պսակուի, բայց Տավուտ պաշարումը կը սաստկացնէ 12. 000 հոգւոյ բանակով, եւ որ Լեւոն կը զիջանի հարկ վճարել, եւ Տավուտ պաշարի ներմուծումը դիւրացնել ( ԴԱՐ. 118): Այդ եղելութիւններով անցաւ 1374 սեպտեմբերէ դեկտեմբեր միջոցը. Եգիպտոսի սուլտանը որ միտքը դրեր էր Հայոց թագաւորութիւնը վերջացնել, մանաւանդ Լատինի մը անոր գլուխն անցնելէ ետքը, նոր արշաւանք մը կազմակերպեց Ապուպէքիր զօրավարի հրամանատարութեամբ, եւ 15, 000 զօրաց բանակով, որ 1375 յունուար 5-ին վերջնապէս պնդեց պաշարումը, եւ Աստուածայայտնութեան նախընթաց գիշերը խափանեց ամէն յարաբերութիւնները: Այստեղ ալ լատին պատմիչը մատնութեանց մեղադրանքներ կը բարդէ Հայերուն վրայ, թէ նոր արշաւանքը որոշուած ըլլայ Գահիրէ գտնուող հաւատափոխ Աշոտ Նղրեցի իշխանին թելադրութեամբ, եւ Սիսէ անոր եղած դիմումներուն վրայ, եւ թէ Լեւոնի կողմէ Ապուպէքիրի հետ բանակցութեան ղրկուող Վահրամ իշխանը, իրեն տրուած հրահանգներուն հակառակ խօսած ըլլայ: Որչափ ալ այդ պարագաները միայն կասկածներու վրայ հիմնուելով պատմուած ըլլան, սակայն ակներեւ է Լեւոնի եւ Սսոյ Հայերուն մէջ աճած հակակրութիւնը: Տեսանք օծման առթիւ Հայոց զգացումները վիրաւորող ընթացքը, դիւրին է ենթադրել, թէ յաջորդ ամիսներուն մէջ ալ, նորանոր վիրաւորանքի առիթներ տրուած են Լեւոնի կողմէ: Սիսի բնակիչները կրնային մտածել, թէ ազգային իշխանութեան վերջին մնացորդը, որ այլեւս դուռերը փակուած բերդի մը պարիսպներու մէջ կ՚ամփոփուէր, չէր արժեր մոլեռանդ Լատինի մը իրենց ազգութեան եւ եկեղեցւոյն դէմ արհամարհանքները: Խնդիրը ոչ եւս վերացական վիճակի մէջ, այլ ծանրացեալ պարագաներուն ներքեւ պէտք է նկատել, երբ կեանքի պարէնին պակսելուն վրայ, զգացումի վիրաւորանքներ կ՚աւելնային, եւ երբ Սսոյ բերդաքաղաքը ոչ եւս Հայութեան այլ լատինականութեան ապաստանարան կ՚ըմբռնուէր: Միւս կողմէն դիւրին է համոզուիլ, թէ քանի մը հարիւր տարիներէ իվեր արեւմտեան քրիստոնէութեան դէմ պատերազմող իսլամական սուլտանութիւնը, ոչ Աշոտի մը յորդորներուն եւ ոչ Վահրամի մը խօսքերուն պէտք ունէր իր նպատակը յառաջ վարելու համար:

1340. ՀԱՅՈՑ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ապուպէքիրի կարգադրած պաշարումը, եւ պարբերական յարձակումները, տակաւին չլքուցին Սսոյ մէջ եղողները, որոնք քաջութեամբ զդէմ ունէին ինչպէս Դարդէլ ալ կը խոստովանի ( ԴԱՐ. 124), այլ հետզհետէ կրած կորուստնին, եւ դիմադրութեան միջոցներու նուազութիւնը, պաշտպանութիւնը անհնարաւորութեան հասուցած էին: Լեւոն հրամայեց, որ բոլոր բնակիչները միջնաբերդի մէջ քաշուին, եւ քաղաքին բնակութեան մասը կրակ տալով աւերեց, եւ Նեբրոնի լատին եպիսկոպոսին ձեռքը աւետարան մը տալով, ամէնքը նորէն երդուընցուց, կաթողիկոսն ու եպիսկոպոսներն ու եկեղեցականներն ալ միասին, իրեն հաւատարիմ մնալ, եւ մինչեւ ցմահ պատերազմիլ ( ԴԱՐ. 125), Դարդէլի պատմելով, կաթողիկոսն ու եպիսկոպոսներ ու իշխաններ կանուխէն գաղտնի յարաբերութեան մէջ էին Հալէպի ամիրայ Մելէքի ձեռքը անձնատուր ըլլալու, եթէ ինքն անձամբ ներկայանար, եւ թէ այս պատճառով Մելէք 15. 000-ի նոր բանակով Սիս հասած էր 1375 փետրուար 24-ին ( ԴԱՐ. 124): Բայց նա ինքն Դարդէլ է որ կը վկայէ, թէ փետրուար 25-ին յարձակումը ետ մղողները բերդապահ Հայերն են եղած, Լեւոնի բերած 50 զինուորներուն հետ միասին: Այս պատերազմին մէջ է որ Լեւոն ծնօտէն վիրաւորուած եւ երեք ակռայ կորսնցուցած է թշնամիներուն վիրգահանէն փրթած երկաթի կտորի հարուածով, եւ պարտաւորուած է մահիճ իյնալ ներքին աշտարակին մէջ: Այդ պատերազմին միջոցին պէտք է դնել նաեւ Կեջեղակ վարդապետի մը սպանուիլը, որուն համար ըսուած է թէ գրոց աշակերտ էր ( ՍԱՄ. 170), եւ հարկաւ նշանաւոր անձ մը եղած է, որ անունը աւանդութեամբ պահուեր է: Յաջորդ օրերուն մէջ Մելէք շարունակեց յարձակումները առանց վերջնական յաջողութեան, Լեւոնին ալ առաջարկեց անձնատուր ըլլալ եւ ամենայն պատուով եւ դիւրութեամբ իր երկիրը դառնալ իրեն մարդիկներով, կամ եթէ ուզէ, իսլամութիւն ընդունիլ եւ սպարապետի աստիճանով սուլտանին ծառայութեան մտնել: Լեւոն մերժեց, բերդապահներն ալ դիմադրութեան քաջալերեց, սակայն, ուրիշ դժուարութեանց վրայ, պաշարի նուազութիւն ու սով ալ սկսած էր տիրել բերդին մէջ ( ԴԱՐ. 129):

1341. ԼԱՏԻՆՆԵՐՈՒ ԴԱՒԸ

Ասոր վրայ դիմադրութեան անօգուտ լինելուն, Լատիններն ալ համոզուեցան, եւ գաղտնապէս Մելէքի լուր հասուցին անձնատուր լինելու պատրաստականութիւննին յայտնելով, մինչեւ իսկ Լեւոնն ալ սպաննելու մտադրութեամբ, եթէ իրենց չհաւանի: Այդ շարժումին գլուխ եղաւ Մատթէոս Շապպ լատին ասպետը: Դարդէլ կը կարծէ թէ Մատթէոսը մոլորեցնողներն եղած էին իր կինը, Վասիլ Թորոսեան իշխանը եւ Պօղոս կաթողիկոսը ( ԴԱՐ. 130), բայց նոյնիսկ յուսահատ վիճակը բաւական էր վարձկան ասպետներուն միտքը փոխելու, առանց թելադրութեանց պէտք ունենալու: Մատթէոս կրցաւ իր կողմը յանկուցանել բոլոր Լատինները, որոնք ամէն բան կարգադրեցին, ու Մարտ 24-ին աշտարակին վրայ յարձակեցան, զի սպանցեն զարքայ եւ զՀայ մարդիկն որ էին անձնապահ նորա: Իրաւ ալ կոտորեցին զՀայ թիկնապահսն, բայց այդ միջոցին երկու Հայ եւ մի Հոռոմ ասպետներ որ Լեւոնի մօտ կը գտնուէին, զարքայն պարանաւ իջեցուցին ընդ ճեմիշն ի բերդն երկրորդ, եւ իրենք ալ ետեւէն իջան, իսկ թագուհին եւ ուրիշներ այն տեղ մնացին, բայց վնաս չկրեցին: Աշտարակը դիմադարձ Լատիններուն ձեռքը մնացած էր, երբ թագաւորին դէմ փորձը լսուեցաւ, Սսոյ Հայ ժողովուրդը ծանրացասումն եղեւ, եւ գունդք գունդք տուեալ Լեւոնի պաշտպանութեան վազեցին, եւ ի նոյն գիշերի չորիցս յարձակեցան Հայք ի վերայ աշտարակին, բայց չյաջողեցան զայն Լատիններուն ձեռքէն առնել:

1342. ՍԻՍԸ ԱՆՁՆԱՏՈՒՐ

Դարդէլ, որ կ՚ուզէր Հայերը մատնիչ ու դաւաճան ցուցնել, իր իսկ վկայութեամբ կը հերքուի, երբոր ինքն է որ Լատիններու դաւաճանութիւնը եւ Հայոց հաւատարմութիւնը կը պատմէ: Լեւոնէ անարգուած եւ վիրաւորուած Հայերն են, որ նոյն Լեւոնի անձը կը պաշտպանեն իր Լատիններուն դէմ: Մատթէոս աշտարակէն չուանով իջած ատեն ինկած եւ մեռած էր, ուրիշ լատին մը անոր ետեւէն իջնելով Մելէքին ներկայացաւ աշտարակը յանձնել, բայց ամիրան չվստահեցաւ զի ոչ էին նոքա Հայ ազգաւ, եւ քաղաքին ու բերդին բուն տէրը չէին. միայն բերդին մօտեցաւ եւ տասը հոգի իրեններէն ներս ղրկեց, դիտելով աշտարակին մէջ մղուած ընտանի կռիւը: Այդ միջոցին աշտարակին մէջ մնացած Լեւոնի հաւատարիմներէն ոմանք, նոյն ճեմիշի ծակէն ուստի Լեւոն փախած էր, չուանով վեր առին զոմանս ի Հայոց անտի, արք տասն կորովիք, որոնք աշտարակին մէջ եղող Լատինները կոտորելով, անոր տիրացան եւ Լեւոնի դրօշը բարձրացուցին ( ԴԱՐ. 137): Հայեր այդ կերպով իրենց ուղղութիւնը եւ քաջութիւնը ցուցնելէ ետքը, լուրջ խորհրդակցութեան նստեցան Պօղոս կաթողիկոսի նախագահութեամբ, զոր ունին ի պապ իւրեանց, կը գրէ Դարդէլ, եւ որոշեցին թէ հնար չէր այլեւս դիմադրել ու տոկալ, եւ թէ անձնատուր լինելէ զատ եղանակ չէր մնացած, ինչ ալ ըլլար Լեւոնի միտքն ու նպատակը: Ըստ այսմ ծանուցին Մելէքի, եւ միւս առտուն բերդին դուռը խորտակելով, զի բանալին Լեւոնի մօտ կը մնար, կաթողիկոսն եւ գլխաւոր իշխաններ եւ եպիսկոպոսներ եւ քաղաքացիներ Մելէքի ներկայացան եւ անձնատուր եղան ( ԴԱՐ. 140):

1343. ԼԵՒՈՆ ԱՆՁՆԱՏՈՒՐ

Լեւոն այլեւս մէկը չունէր իրեն հետ, Լատիններ ապստամբած ու սպանուած էին, եւ Հայեր իրենց որոշումը առած էին, ուստի պարտաւորուեցաւ Մելէքի առաջարկին համակերպիլ, եւ կենաց ապահովութեան երդմնագիր առնելով, ինքն ալ անձնատուր ըլլալ, ինչպէս որ ըրաւ, ու պատուաւոր եւ համակիր ընդունելութիւն գտաւ ( ԴԱՐ. 143): Այդ վերջին եղելութիւններ կատարուեցան 1375 տարւոյ աւագ շաբթուան մօտ: Յիշատակարան մը ապրիլ 16 ուրբաթ օր կը դնէ, բերդին առումը, որ 1374 սեպտեմբերէն սկսելով պաշարման ներքեւ էր ( ՍԻՍ. 228), բայց ապրիլ 16-ը երկուշաբթի էր, իսկ ուրբաթը ապրիլ 20, եւ գրութեան սխալանք մը յայտնի կը տեսնուի, եւ անորոշ կը մնայ Սիսի առնուելուն ճիշդ օրը: Մեր հաշուով պէտք է աւագ երկուշաբթի ապրիլ 16-ին դնել, զի հարկաւ քանի մը օրեր պէտք էին կարգադրութեանց համար, եւ միւս կողմէ գիտենք, թէ ճիշդ զատկի օրը, ապրիլ 22-ին: Մելէք Սիսէ մեկնեցաւ, քաղաքին վրայ իր կողմէ հրամանատար մը թողլով, եւ իրեն հետ տանելով, Լեւոնը ու թագուհին իրենց զաւակաց հետ, Մարիամ նախկին թագուհին, Սոհիէ Դուլկարտ մարաջախտը իր Ռեմի կնոջ հետ, Պօղոս կաթողիկոսը, եւ Հայ իշխաններ եւ գլխաւոր Սսեցիներ, ընդ ամենայն արս իբրեւ քսան ( ԴԱՐ. 148): Ապրիլ 30-ին Հալէպ հասաւ, բայց դուրսը գիշերեց, մայիս 1-ին մեծապէս մուտք կատարելու համար, եւ պնդադեսպաններ յղեց Եգիպտոս, յաջողութիւնը աւետելու, եւ գերի բերած անձերուն համար սուլտանին կամքը իմանալու: Այսպէս փակուեցաւ վերջին Լեւոնի թագաւորութիւնը, որ յուլիսէն ապրիլ հազիւ 9 ամիս տեւողութիւն ունեցաւ, եւ իրեն հետ վերջացաւ նաեւ Հայոց ազգային իշխանութեան շարքը:

1344. ՀԱՅԵՐՈՒ ԸՆԹԱՑՔԸ

Ազգային պատմութեան համար նշանաւոր հանգրուան մըն է 1375 թուականը, բայց եւ եկեղեցական տեսակէտէն ալ իր նշանակութիւնն ունի, քանի որ վերջին եղելութեանց մէջ` գլխաւոր դերակատար մըն ալ նոյն ինքն Հայոց կաթողիկոս Պօղոսն է: Լատին կրօնաւոր Յովհաննէս Դարդէլ, Լեւոնի խոստովանահայրն ու գովաբանը, իբրեւ ժամանակակից եւ գիտակից վկայ` եղելութեանց համար հեղինակաւոր աղբիւր մըն է, եւ մենք անոր գրածները քաղեցինք, առանց մտադրութիւն դարձնելու տարբեր պատմութեանց, որոնք յայտնի չէ թէ ուսկից քաղուած են ( ՉԱՄ. Գ. 356-362): Սակայն չենք կրնար անոր հետեւիլ երբոր պարզ խորհրդածութիւններ ու գնահատումներ կը բացատրէ, որոնց մէջ ազդուած է իր պաշտպանած անձը եւ իր դաւանած եկեղեցին բարձրացնելու փափաքէն: Դարդէլի համար Պօղոս կաթողիկոս մատնիչ ու դաւաճան ու տիրադրուժ անձ մըն է, եւ բոլոր ձախողութեանց պատճառ է: Սակայն դժուար չէ Դարդէլի խօսքերուն մէջ տեսնել անոր զայրոյթին բուն պատճառը: Երբոր կաթողիկոսին անունը տուած ատենը շեշտելով մը կը կրկնէ, Զոր ունէին իբրեւ զպապն աշխարհին ( ԴԱՐ. 99), կամ Զոր ի պատուի ունին իբրեւ զպապ, որպէս մեք զսրբազան հայրն ( ԴԱՐ. 123), կամ Զոր ունին ի պապ իւրեանց ( ԴԱՐ. 138), նովին իսկ կը յայտնէ թէ Պօղոս հռոմէականութեան մօտիկ չէր, թէ այդ մասին Լեւոնի համամիտ չէր, թէ կրցածին չափ հայադաւան եւ հայածէս եկեղեցւոյ պաշտպանութեան կ՚աշխատէր, եւ այս բաւական էր որ Պօղոս կաթողիկոս Դարդէլի համակրութիւնը չի վայելէր, եւ ամէն վնասուց պարտապան նկատուէր: Մենք հաճութեամբ կ՚արձանագրենք Դարդէլի վկայութիւնը, թէ 1375-ին Հայերը հռոմէադաւան չեն եղեր, բայց չենք կրնար հաստատել իր տեսութիւնները, երբ ան մոլեռանդ հռոմէականութեան շեշտեր կ՚առնէ: Ինքն Դարդէլ է որ կը վկայէ, թէ Հայեր Լեւոնի անձնական պաշտպանութեանը ձեռնարկեցին զէնքը ձեռքերնին եւ իրենց կեանքին վտանգով, նոյնիսկ Լեւոնի հետեւորդ դաւաճան Լատիններուն դէմ, որով մարդասիրական ու տիրասիրական պարտք մը զգացին կատարել: Հնար չէ չտեսնել, որ անշուշտ իրենց կաթողիկոսին, իրենց պապին յորդորներով կը գործէին, ինչ որ Պօղոսի մեծանձն եւ վեհոգի զգացումներուն փաստն է: Լեւոն ինքն ալ Դարդէլի համամիտ մը կը ներկայանայ, երբոր Հայոց պաշտպանութեան նպատակով Հայոց թագաւորութիւնը կը ստանձնէ, բայց առաջին վայրկեանէն անոնց դաւանութիւնը կ՚անարգէ, եւ հռոմէական հաւատքի պաշտպանութեան եկած ըլլալը կը յայտարարէ, Հայոց նուիրապետութիւնը կը նախատեսէ` Լատին եպիսկոպոս մը Հայոց հայրապետին նախադասելով, Հայոց սրբութիւնները կ՚արհամարհէ Հայոց միւռոնը ընդունիլ չուզելով, եւ վերջիվերջոյ իբրեւ լոկ արտաքին ձեւակերպութիւն մը զայն կ՚առնէ, պաշտօնական օծումը լատին միւռոնով ստանալէն ետքը: Իրեն հպատակներուն սիրելի ըլլալու, եւ անոնց զգացումները իրեն յանկուցանելու փափաքող իշխանապետ մը, պէտք չէ որ անոնց կրօնական զգացումները վիրաւորելով եւ անոնց նուիրական սկզբունքները անարգելով սկսէր: Այսու հանդերձ դիւցազնական ըլլալու չափ վեհոգի կը գտնենք մենք Հայոց ընթացքը, եւ զիրենք ներշնչող կաթողիկոսին հոգին, որ Լեւոնի կեանքին պաշտպան կը կանգնին իրենց կեանքին վտանգով, երբ անոր անձնուէրները կարծուած` ազգակից եւ դաւանակից եւ շահակից Լատիններն են, որ անոր դէմ կը դաւաճանեն լրբենի ըմբոստութեամբ:

1345. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆ

Նիւթերնիս ամէն կողմէն սպառած ըլլալու համար, քանի մը խօսք ալ քաղաքական տեսակէտէն աւելցնենք: Մեր տեսութեամբ պէտք չէ Հայոց թագաւորութեան կործանումը 1375-ին կատարուած եղելութիւն մը կարծել: Անիկա կործանուած էր արդէն, երբոր Նզրեցի Կոստանդիններուն օրէն պիտակ անունի մը վերածուած էր, Կիլիկիան ամբողջ կորսնցնելով, եւ միայն Սիս քաղաքի շրջանակին մէջ պարփակուած էր, քաղաքին շրջակայ արտերուն մշակութեան ելնելու ապահովութիւն չունենալու չափ: Անիկա արդէն վտանգուած էր, երբոր Խաչակիրներու ժամանակէն Արեւմուտքի հետ մտերմանալով Արեւելքի թշնամութիւնը իր վրայ հրաւիրած էր, երբ փոխադարձաբար Արեւելքի հզոր հակառակութեանց դէմ Արեւմուտքի բարեկամական օգնութեանց կը դիմէր, եւ այդ օգնութիւնը ստանալու համար դաւանական եւ ծիսական զոհողութեանց լուծին տակ մտնել կը ստիպուէր, իսկ այդ հոգիներու ու սիրտերու վրայ ճնշող լուծը չկարենալով տանիլ` արտաքնայարդար ձեւերու կը դիմէր, եւ միշտ իրեն դիմաց խաբէական խոստումներ, բծախնդիր պատճառանքներ, անհիմն չքմեղանքներ, ու կեղծուպատիր խօսքեր կը գտնէր: Այս է բուն պատճառը, որ Կիլիկիա հետզհետէ կը տկարանար, կը հիւծէր, կը սպառէր, եւ անողոքելի կործանման կը դիմէր: Մարդկային զգացումները անբացատրելի գաղտնիքներ ունին, որ երբ մէկ մը հոսանքի մը կը մատնուի` դժուարաւ կրնայ ինքզինքը թօթափել, եւ փորձանքէն դուրս ճողոպրիլ: Նոյնը եղաւ մեր Կիլիկեցիներուն ալ: Լեւոն առաջին թագաւորէն եւ Լամբրոնացի օտարասէր քարոզիչէն սկսելով, էջքը շեշտուեցաւ հետզհետէ, եղան զիջողութեանց ճամբայ ընդլայնողներ, եղան զայն չափաւորելու աշխատողներ, բայց վերջապէս ուղղութիւնը հիմնապէս չփոխուեցաւ, եւ սկսուած ճամբան յառաջացաւ, եւ ինչ որ պիտի ըլլար եղաւ, թէպէտեւ երկու ամբողջ դար քաշքշուելով երկարեցաւ: Ըստ այսմ Սսոյ այրեացաւէր քաղաքին բարձունքը, անձուկ բերդի մը մէջ փակուած ափ մը Հայեր, որոնք իրենց օգնութեան եկող Լատիններուն դաւաճանութիւնն ալ ընկճելու կը պարտաւորուէին, անողոքելի հարկը եւ իսկական իրականութիւնը ճանչցողներ եւ մտացածին բանդագուշանքներէ զգուշացողներ էին, երբ կը տեսնէին եւ կը զգային, թէ բոլոր Մեծ-Հայք ոտնակոխ եղած, Փոքր-Հայք օտարին մատնուած, Կիլիկիա արդէն գրաւուած, Սսոյ քաղաքն իսկ ձեռքերնէն ելած ատեն, լերան մը կողքին եւ կղզիացեալ բերդի մը մէջ փակուածները չէին, որ պիտի կարենային երեք չորս բիւր պաշարողները հալածել, Եգիպտական ընդարձակ եւ հզօր սուլտանութեան դէմ դնել, եւ Հայ իշխանութեան ապագան ապահովել: Քաղաքական եւ ռազմական ճշմարտութիւններ իրենց անողոք զօրութիւնն ունին, եւ անոր հպատակեցան Սսոյ բերդին մէջ Մելէքի անձնատուր ըլլալու հարկը զգացողները, Պօղոս կաթողիկոսն ալ գլուխնին:

1346. ԳԵՐԻՆԵՐ ԵՒ ԳԵՐԵԴԱՐՁ

Մայիսը ամբողջ Հալէպի մէջ անցուցին Սիսէ գերի բերուածները, թէպէտ պատուով պահուած եւ պատշաճապէս կերակրուած ( ԴԱՐ. 150), մինչեւ որ Եգիպտոսի սուլտան Շապան Էշրէֆէ հրաման եկաւ անոնք իրեն ղրկել: Յունիս 1-ին Հալէպէ մեկնեցան, եւ Յուլիս 9-ին Գահիրէ հասան, եւ նորէն վայելչապէս հիւրասիրուեցան, եւ երկուշաբթի յուլիս 23-ին սուլտանին առջեւ հանուեցան: Հասնելնուն օրը չորեքշաբթի կը գրէ Դարդէլ ( ԴԱՐ. 151), սակայն տոմարական հաշուով չորեքշաբթին յուլիս 11-ին կ՚իյնայ, եւ իրօք յիշատակարան մըն ալ յուլիս 11-ին կը դնէ անոնց Գահիրէ հասնիլը ( ԱՍՏ. Ա. 213), եւ յարմարագոյն կ՚ըլլայ ըստ այսմ ուղղել Դարդէլի տուած ամսաթիւը: Մելէք ամիրայ հաւանած էր որ Լեւոն կարենայ երթալ ուր որ ուզէ ( ԴԱՐ. 142), եւ Լեւոն այն ատեն նախադասած էր սուլտանին մօտ երթալ ( ԴԱՐ. 146), բայց սուլտանը միայն իր իշխանութեան սահմաններուն մէջ ուզած տեղն ընտրելը ներեց, եւ ան առաջարկեց Գահիրէ մնալ, եւ Գահիրէի Հայ գլխաւորներուն երաշխաւորութեան ներքեւ ազատ բնակութիւն հաստատեց Գահիրէի մէջ ըստ հաճոյից կամաց իւրոյ, եւ օրական 60 արծաթ ռոճիկով ( ԴԱՐ. 152): Մարգարիտ թագուհին Լեւոնի հետ մնաց իրեն զաւակներով, որոնք էին Գուիտոն իր առաջին ամուսինէն եւ Փեննա Լեւոնէն: Իսկ Մարիամ թագուհի, եւ Ռեմի կոմսուհի եւ ամուսինը Սոհիէ խնդրեցին Երուսաղէմ բնակիլ, եւ ըստ այնմ գործադրուեցաւ ( ԴԱՐ. 153), եւ մեկնեցան Գահիրէէ օգոստոս 6-ին ( ԱՍՏ. Ա. 214), եւ պատուով ընդունուեցան Մկրտիչ պատրիարքէ: Բայց Մարիամ երկարակեաց չեղաւ եւ 1377-ին Երուսաղէմի մէջ վախճանեցաւ ( ՍԻՍ. 560), եւ ըստ աւանդութեան թաղուեցաւ Ս. Յակոբի աթոռանիստ եկեղեցին` ընդ սեամբ սուրբ տաճարին ( ԱՍՏ. Ա. 214): Կը մնային կաթողիկոսն ու հայազգի իշխաններ եւ քաղաքացիներ: Դարդէլ ընդ ամենայն արս իբրեւ քսան ըսած էր ( ԴԱՐ. 148) Մելէքի Սիսէ Հալէպ տարածները, բայց ուրիշ յիշատակարան մը վաթսուն եւ ինն կը դնէ Գահիրէ բերուած Հայերուն թիւը ( ԱՍՏ. Ա. 203), եւ կ՚երեւի թէ Դարդէլ միայն շատ մեծերն է յիշած: Հայեր սուլտանէ խնդրեցին իրենց տեղերը դառնալու արտօնութիւնը, յանձն առնելով մնալ ընդ լծով իշխանութեան նորա, եւ այս պայմանով արտօնուեցան ( ԴԱՐ. 154), եւ ասոնք ալ օգոստոս 6-ին Գահիրէէ մեկնեցան ( ԱՍՏ. Ա. 214), եւ 1375 տարին չվերջացած Սիս վերադարձան: Միայն Վասիլ Թորոսեան եւ այլ եւս չորս գլխաւորներ Հայոց մէջէն, մեծամեծ խոստումներէ հրապուրուելով դարձան ի դէն Սարակինոսաց, թէպէտեւ կ՚երեւի թէ յետոյ շատ չբախտաւորուեցան ( ԴԱՐ. 954):

1347. ԹԱԳԱՒՈՐԻ ԱՂՕԹՔԸ

Թագաւորի համար հասարակաց աղօթից խնդիր մը կը յիշէ Դարդէլ, նոր մեղադրանք մը աւելցնելու համար կաթողիկոսին դէմ: Նախ կը յիշէ թէ Հայ քահանաներ աղօթեն ի սուրբ պատարագին եւ յայլ մաղթանս հանապազօրեայս վասն թագաւորացն Հայոց վախճանելոց, եւ յանկանէ յանուանէ վասն թագաւորին որ կենդանին է: Արդ կ՚ըսէ, Լեւոնի գերեկից կաթողիկոսը, քանզի լեալ էր կամակից մատնութեան թագաւորին, առ չարամտութեան եւ անգթութեան հրամայեաց քահանայիցն Հայոց բնակելոց ի Գահիրէ եւ ի Հայաստան, սպառնալեօք բանադրանաց, զի մի' այլեւս աղօթեսցեն ի պատարագի վասն Լեւոն թագաւորի տեառն իւրեանց, եւ մի' յիշեսցեն զանուն նորա յայլ ամենայն մաղթանս, այլ զնորին հակառակն աղօթեսցին վասն սուլտանին Բաբելոնի: Եւ կը յաւելու թէ ոմանք ի Հայոց որք բնակէին ի Գահիրէ չհնազանդեցան կաթողիկոսին եւ շարունակեցին Լեւոնի համար աղօթել ( ԴԱՐ. 155): Բայց չարամտութիւնը աւելի Դարդէլի սիրտին մէջն է, հռոմէականութեան նպաստաւոր չեղող կաթողիկոսը նախատելու համար, չարամտութեան հետ անգիտութիւնն ալ խառնելով: Ստոյգ է թէ Հայոց եկեղեցին յականէ յանուանէ կ՚աղօթէր Հայոց թագաւորին համար, եւ հին գրչագիրներ կը ցուցնեն, թէ պատարագի Վասն խաղաղութեան ( ԺԱՄ. 575) եւ ժամերգութեան Ասասցուք ( ԺԱՄ. 243) քարոզներուն մէջ, ուր այսօր կը կարդանք Վասն բարեպաշտ թագաւորաց, հին ատեն կ՚ըսուէր Վասն բարեպաշտ թագաւորին մերոյ այս անուն, եւ նոյնիսկ անդաստանի օրհնութեանց մէջ, ուր այժմ կը յիշենք թագաւորութիւն քրիստոնէից ( ԺԱՄ. 266), հին ատեն կ՚ըսէին թագաւորութիւն Հայոց: Սակայն թագաւորութեան բնաջինջ ըլլալէն, եւ Հայերուն ստիպեալ օտարազգի իշխանութեան հպատակութեան երդուըննալէն ետք, հնար չէր հին բացատրութիւնները պահել, եւ Պօղոս կաթողիկոս բռնադատեալ պատշաճ փոփոխութիւնը հրամայած է, ճարտար դարձուած մը գործածելով: Նա չէ հրամայած, վասն սուլտանին Բաբելոնի աղօթել, ինչպէս Դարդէլ կը կարծէ, այլ թագաւորին բառը թագաւորաց փոխելով, եւ Հայոց բառը քրիստոնէից դարձնելով, խուսափած է ոչքրիստոնեայ վեհապետի անունը ծիսական յիշատակութեան մտցնելէ: Իսկ քրիստոնէից յիշատակութեամբ լռելեայն Հայերն է իմացած, եւ ոչ թէ Արեւմտեան թագաւորութիւններէն մէկը կամ միւսը, ինչպէս ոմանք կը սիրեն մեկնել: Հին ասացուածոց փոփոխուելուն ժամանակը մութ էր մնացած մեր պատմութեանց մէջ, իսկ Դարդէլի ակնարկը զայն ճշդելու կը ծառայէ, եւ Պօղոս կաթողիկոսի ժամանակ եղած ըլլալը կը վկայէ, եւ անկէ հրամայուած` բռնադատեալ պահանջից ներքեւ, եւ ոչ թէ չարամտութեան եւ անգթութեան նպատակով: Իսկ Գահիրէի Հայերէն ոմանց Լեւոնի համար աղօթելու շարունակելը` կաթողիկոսին կամքին դէմ, պաշտօնական շրջանակէ դուրս գործ մը եղած ըլլայ թերեւս, զի այլապէս հնար չէ զայն բացատրել, նոյնիսկ սուլտաններու մայրաքաղաքին մէջ եւ Լեւոնի իրենց մօտ արգելական եղած ատեն:

1348. ՆՈՐ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Պօղոս կաթողիկոսի կեանքին եւ պաշտօնավարութեան մնացած մասին վրայ որոշ տեղեկութիւններ չունինք: Մահը կը դրուի սովորական ցուցակներու մէջ 1377-ին, բայց չենք գիտեր թէ որ աղբիւրէ քաղուած է: Անեցիին շարունակողը 1382-ին կը դնէ Թէոդորոսի կաթողիկոսութիւնը որ Պօղոսին յաջորդն է, եւ անոր 9 տարի պաշտօնավարութիւն կու տայ ( ՍԱՄ. 170), եւ կը համաձայնի Թէոդորոսի սպանութեան 1393 թուականին ( ՍԱՄ. 172), մինչ 1377-էն հաշուելով 16 տարի պէտք կ՚ըլլար տալ Թէոդորոսի կաթողիկոսութեան: Դավրիժեցին ալ միայն 8 տարի կու տայ Թէոդորոսի ( ԴԱՎ. 336), եւ այս հաշուով մինչեւ 1385 պէտք կ՚ըլլայ երկարել Պօղոսի կաթողիկոսութիւնը: Որչափ ալ Անեցիին շարունակողին եւ Դավրիժեցիին վկայութիւնները վճռական փաստեր չըլլան Պօղոսի կաթողիկոսութեան տեւողութիւնը ճշդելու, սակայն Չամչեան որոշ վկայութիւն մը չի յիշեր, Պօղոսի ամս չորս միայն ի հայրապետութիւն կացեալ ըլլալը հաստատող ( ՉԱՄ. Գ. 362), եւ մենք կը հաւանինք վերոյիշեալ վկայութեանց հետեւիլ, եւ նորերէն Թէոդորոսի ընծայուած տարիներէն համառօտելով, Պօղոսի կաթողիկոսութիւնը երկարել մինչեւ 1382, ընդամէնը 8 տարի տալով անոր պաշտօնավարութեանը: Բայց երկարելով ալ աւելի բան մը չունինք պատմելու: Պօղոս գերութենէն դառնալով նոր կացութեան մը դիմաց կը գտնուէր, եւ կը պարտաւորուէր Հալէպի ամիրայէն թողուած Սիսի հրամանատարին իշխանութեան ներքեւ գործել ( § 1342), եւ նոր կառավարութեանն պայմաններուն համակերպիլ: Իրաւ այլազգիք միշտ ներողամիտ չէին քրիստոնէից հաւատքին, բայց անգամ մը որ զանոնք ազատ կը թողուին իրենց կրօնքին հետեւիլ, այլեւս մանրամասնութեանց չէին միջամտեր, եւ ձեւեր ու կերպեր չէին հրամայեր, եւ այս երեսէն Պօղոս կրնար զինքն թեթեւաբեռնած զգալ, Լեւոնի կողմէ եղած կրօնական թելադրութիւնները եւ պահանջումները դադրած տեսնելով: Պօղոսի պէտք էր նոր դրութեան համեմատ նոր պաշտօնավարութիւն մը կազմակերպել, ինչ չափ ալ աւերակներու վրայ մնացած էր, եւ անշուշտ իր հայրապետանոցն ալ քանդուած էր, երբ Լեւոնի հրամանով Սիս հրձիգ եղաւ, որպէսզի թշնամիին իբր ապաստանարան չի ծառայէ: Աւելցնենք թէ Պօղոս ոչ միայն պիտի ջանար կրօնական կարգադրութիւններ ընել, այլեւ քաղաքական կացութեան համար ալ օգտակար թելադրութիւններ ընել, եւ ահա թէ ինչոflւ:

1349. ԵՐԿՐԻՆ ՎԻՃԱԿԸ

Քաղաքական նոր կացութիւնը, պարզ եւ յստակ կերպով չէր կրնար գծուիլ մէկէն: Ստոյգ է թէ Սիս իր ամիրան ունեցած էր, բայց նա ժամանակին տիրող դրութեան համեմատ, ոչ թէ գաւառապետ կառավարիչ մըն էր պարզ պաշտօնէի դերը վարող, այլ իրովի եւ լիագոյն իշխանութեամբ երկրին տէրն էր, պարտաւոր ըլլալով միայն գերիշխան սուլտանին տարեկան հարկ մը վճարել, եւ անոր հրամանին համեմատ իր գունդովը պատերազմի երթալ, ազատ ըլլալով իր հաշուին ալ արշաւանքներ ընել եւ ասպատակներ հանել: Այդ դրութեան մէջ, դիւրին էր մասնաւոր անձերու ալ աստ եւ անդ ամուր տեղեր ապաւինիլ, եւ անոնց մէջ եւ անոնց շուրջը որչափ կը զօրէին` ազատ իշխանութիւն վարել: Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկումը այդ դիրքը զօրացուց: Իրաւ թագաւորութիւն չկար, եւ երկիրը ընդհանրապէս Եգիպտոսի գերիշխանութեան անցած էր, բայց Հայ իշխաններէն որոնք որ կրնային, Տաւրոսի եւ Ամանոսի բարձունքներուն վրայ, իրենց համար ամրութիւններ եւ իշխանութիւններ կազմեցին, սկսելով ու մեծնալով, պզտիկնալով ու ջնջուելով` պարագայից համեմատ: Այդ կացութիւնը երկար տեւեց Կիլիկիոյ մէջ, եւ մինչեւ մեր օրերը հասած Զէյթունի իշխանները, այդ դրութեան մնացորդներն են: Ընդարձակ եւ կանոնաւոր պատմութիւն մը կը պակսի, եւ ցրիւ տեղեկութիւններ մտադիր ուսումնասիրողի տքնութեանց կը կարօտին կատարեալ պատմութեան վերածուելու համար: Մենք պիտի բաւականանք մտադրութիւն հրաւիրելով Անեցիի շարունակողին աչքէ վրիպած մէկ տողին վրայ, որ 1376 թուականին ներքեւ կը գրէ, Կոստանդին ոմն քառասուն եւ ութն, ( ՍԱՄ. 170), միեւնոյն ձեւով, որով անկէ առաջ ալ Կոստանդին թագաւորները յիշած էր, Կոստանդին ամս երկու, Կոստանդին ամս քսաներկու ( ՍԱՄ. 169), որով այդ վերջին Կոստանդինն ալ նոյնպէս թագաւոր մը պէտք է իմանալ: Իրօք ալ Կիլիկեցի ժամանակագիր մը 1424-ին կը գրէ, թէ թագաւորեաց Կոստանդին քառասուն եւ ութն ամ ( ՍԻՍ. 543), որ ամենայն ճշդութեամբ կը կապուի 1376 թուականին հետ: Այս երկու վկայութիւններէ իրաւունք կ՚ունենանք հետեւցնել, թէ Լեւոնի գերութեամբ` թագաւոր անունը Կիլիկիայէ չի ջնջուեցաւ, եւ այն մասնաւոր իշխաններուն մէջ, որ աստ եւ անդ կը տիրէին, գլխաւոր մը կար` թէեւ ոչ Սիսի մէջ, որ անոնց վրայ գերիշխան կը նկատուէր, եւ որ ցրուեալ բեկորներուն կեդրոնն էր, եւ թագաւորի անունն ալ կը կրէր: Նա բաւական զօրութիւն ալ ունեցած պիտի ըլլայ, եթէ 1424-ին Եգիպտոսի սուլտան մը անձամբ անոր դէմը պատերազմի գալու կը ստիպուի, եւ վերջնական յաղթութիւնը կը տանի ( ՍԻՍ. 543): Մեր տեսութեամբ, Պօղոս կաթողիկոս իր գործունէութիւնն ու մասնակցութիւնը ունեցած է այս մասին, բաժանեալ իշխաններու միաբանական կապը պահելով, եւ պատշաճ խրատներով զիրենք քաջալերելով: Պօղոս կնքած կ՚ըլլայ իր կեանքը բնական մահով, քանի որ տարբեր յիշատակութիւն մը չունինք: Ինքն կը ներկայանայ զգացման եւ գաղափարի տէր անձ մը, ամենադժբախտ պարագաներու ներքեւ ապրած, եւ իր եկեղեցւոյն պաշտպանութեան նախանձախնդիր:

1350. ՈՒՆԻԹՈՐՆԵՐՈՒ ԴԷՄ

Կիլիկիոյ թագաւորութեան մեծ տագնապը եւ աղետալի արկածը ստիպեց մեզ պահ մը մտադրութենէ վրիպեցնել արեւելեան գաւառները, ուր կրօնական խնդիրներ բուռն յուզմանց պատճառ կ՚ըլլային: Ունիթորներ նոր կազմակերպութեամբ եւ Արեւմուտքէ ստացուած նպաստներու զօրութեամբ ( § 1318), հետզհետէ աւելի կը տարածուէին ու կը քաջալերուէին, եւ պարզապէս բռնութեանց եւ հալածանաց կը յանդգնէին ազգային եկեղեցւոյն հաւատարիմ Հայերուն դէմ: Իրենց գլխաւոր զէնքն էր, շարք մը պիտակ հեղինակութիւններով եւ իմաստակ պատճառաբանութիւններով խիղճերը վրդովել, Հայոց եկեղեցւոյն մէջ պաշտուած խորհուրդները անվաւեր ու չեղեալ նկատել, եւ հաւատացելոց մկրտութեան եւ պաշտօնէից ձեռնադրութեան վրայ կասկածներ յարուցանելով, կրկնամկրտութիւններ եւ կրկնաձեռնադրութիւններ ընել, Հայ եկեղեցիներու եւ սրբութիւններու նուիրականութիւնը ուրանալ եւ անարգել, եւ պարզապէս հայադաւանները անհաւատներու հաւասարել: Այդ զեղծումները պատմողն ալ իրենց մէջէն է, Մխիթար Ապարանցին, ինքն ալ միեւնոյն անտեղութեանց գործիչ մը ( ՉԱՄ. Գ. 447): Ջահկեցի եղբայրներէն Թովմաս եպիսկոպոսի յաջորդը կը յիշուի Յովհաննէս Դավրիժեցի ( ՍԻՆ. 388), այլ Սամուէլ գաւառահօր յաջորդը յիշուած չէ, բայց թերեւս է նոյն ինքն Կարապետ Ճագարակեր վարդապետը, որ գործի գլուխ կը գտնուէր ճիշդ այդ միջոցին ( ՄԵԾ. 37): Իսկ Հայոց վարդապետներ, որոնց համար նուիրական էր իրենց հայադաւան ու հայածէս եկեղեցին, եւ խղճի պարտաւորութիւն կը զգային անոր պաշտպանութեան աշխատիլ, կարեւոր տեսան հակառակորդներուն աղբիւրները ճանչնալ, անոնց լեզուին հմտանալ, անոնց գիրքերուն ծանօթանալ, անոնց պատճառաբանելու ձեւերը որդեգրել, որպէսզի կարենան հաւասար զէնքերով անոնց դէմ պայքարիլ: Այդ կերպը ոմանց համար իբրեւ ազդու միջոց կը ծառայէր իրենց վարդապետութիւնն ու ծէսն ու կանոնները հակառակորդներուն զրաբանութեանց դէմ պաշտպանելու, բայց ոմանց ալ գայթակղութեան առիթ կ՚ըլլար, արուեստակեալ ձեւերէն հրապուրելով Ունիթորներու կողմը անցնելու, եւ իրենց օրինակով ժողովրդականներն ալ գայթակղեցնելու: Երկու կողմերուն մէջ տիրող մրցումը, առիթներ ալ կը ստեղծէր դէմ դէմի գալու, վիճաբանութիւններ վարելու, որոնք արտաքին կռիւներու եւ աղետալի երկպառակութիւններու դուռ կը բանային: Խուսափելով չնչին մանրամասնութեանց մտնել, կը բաւականանանք յիշել այն երանաշնորհ վարդապետները, որոնք ազգային եւ օտար ուսմանց զարգացման, եւ ազգային ուղղափառ եկեղեցւոյն պաշտպանութեան, եւ հաւատացեալ ժողովրդեան շինութեան աշխատեցան, եւ ամուր թումբ կազմեցին օտարամոլ հոսանքին դէմ, որ կը կարծէր հայադաւան եկեղեցին ընկլուզել, այլ ինքն տկարացաւ ու ետ մղուեցաւ, եւ Հայ եկեղեցին շարունակեց իր ուղղութեամբ եւ ուղղափառութեամբ:

1351. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՈՐՈՏՆԵՑԻ

Այդ երանաշնորհ խումբին գլուխ ու դասապետ պէտք է ճանչնալ Յովհաննէս Որոտնեցի վարդապետը, ազնուական ազգատոհմէ սերեալ, Իւանէ իշխանին որդին, Ծղակ գաւառի Որոտն շրջանակին Վաղանդան գիւղին մէջ ծնած, 764 նաւասարդ 30-ին, այսինքն է 1315 յունուար 29-ին: Մեծոփեցին` Իւանէ իշխանը Վասակ Սիւնիի սերունդէն կը կարծէ ( ՄԵԾ. 15), Տաթեւացին ալ ի Հայկական հաւուց նախնական, ի Սիսակայ ցեղապետութեան սերունդէն կը դնէ ( ՍԻՆ. 219), բայց կ՚երեւի թէ մերձեցուցմամբ Օրբելեանները հին Սիւնեաց հետ միացուցած են, զի Որոտն շատոնց Օրբելեանց իշխանական կալուած էր եղած, եւ Իւանէ որդի էր Հասան իշխանի եւ Վախախ տիկնոջ եւ եղբայր Սարգիս արքեպիսկոպոսի ( ՍԻՆ. 217): Օրբելեանց տոհմէն գրեթէ անպակաս էին եկեղեցականութեան նուիրեալներ, ինչպէս Ստեփանոս Տարսայիճեան ( § 1159) եւ Յովհաննէս Լիպարիտեան ( § 1188) եւ վերոյիշեալ Սարգիս արքեպիսկոպոսները: Նոյն կոչման եւ նոյն յաջորդութեան սահմանուած կ՚երեւի Յովհաննէս Իւանեան, մանկութենէն եկեղեցական ուսմանց նուիրուելով, այլ Տաթեւացիին ըսելը, որ եւ զվիճակ Սիւնեաց յաջորդեալ, եւ ոչ պանծացեալ զոր ոչ ախորժեալ ( ՍԻՆ. 219), գուշակել կու տայ թէ Որոտնեցին հրաժարած է Սիւնեաց արքեպիսկոպոսութենէ նուիրուելու համար: Որոտնեցին Կախիկ մականուն ալ ունեցած է, իբր թէ կախեալ ի սէրն Աստուծոյ ( ՄԵԾ. 14), կամ թէ ի սէր սիրոյն կախեալ եւ կանխեալ ( ՍԻՆ. 219), բայց կը կարծենք թէ յաւէտ նիւթական եւ արտաքին պատճառ ունեցած է Կախիկ կոչումը, թէպէտ մեզի անծանոթ մնացած: Իսկ անբացատրելի կը գտնենք Խլաթեցիին գրելը, որ եւ Կախիկ անուն, ծննդեան ( ՓԻՐ. 36), զի որեւէ յատուկ անունի նմանութիւն չունի: Որոտնեցին աշակերտած է Եսայի Նչեցի վարդապետին` Գայլեձորի վանքին մէջ, բայց Տիրատուր վարդապետ մըն ալ կը յիշուի իբրեւ իր ուսուցիչ ( ՄԵԾ. 15): Յառաջադէմ եւ զարգացուն` Նչեցիի աշակերտներուն մէջ, յատուկ նպատակ ըրաւ իրեն այն կողմերը տարածուող Ունիթորներու դէմ մաքառիլ, եւ այս պատճառով խորին ուսումներու հետեւեցաւ, բայց չի կրնար 28 տարի աշակերտած ըլլալ, ինչպէս յիշատակարան մը կը գրէ ( ՓԻՐ. 36): Կ՚երեւի թէ Նչեցիի մահուանէ ետքը ( § 1275), Որոտնեցիին վիճակեցաւ անոր յաջորդել, թէպէտեւ այն ատեն հազիւ 25 տարեկան եղած կ՚ըլլայ, բայց թերեւս Նչեցիէն ետքը պահ մը ուրիշ մըն ալ եղաւ Գայլեձորի առաջնորդ: Որոտնեցիին Գայլեձորի մէջ աշխատած ըլլալը ստոյգ է, ուսկից փոխադրուեցաւ Տաթեւի ուսումնարանը, եւ այն տեղէն պայծառացոյց զազգս Հայոց վարդապետօք եւ քահանայեօք ( ՄԵԾ. 15), հաւասարապէս ոյժ տալով ամուրի եւ ամուսնացեալ եկեղեցական դասակարգերուն:

1352. ՍԱՐԳԻՍ ԱՊՐԱԿՈՒՆԵՑԻ

Նշանաւոր եղաւ Սարգիս Ապրակունեցի վարդապետն ալ, Որոտնեցիէ կրտսեր, մինչեւ իսկ Նչեցիէ ետքը Որոտնեցեցիին ալ աշակերտ կարծուած: Սարգիս հաստատուեցաւ Ապրակունեաց վանքին մէջ, որ շատ մօտ էր Երնջակի Ս. Կարապետ վանքին ( ՍԻՆ. 378), Ունիթորներու դրացութեան մէջ, աւելի մօտէն անոնք դիտելու ու անոնց հետ մաքառելու համար: Կը պատմուի թէ բուռն վէճեր ալ ունեցաւ Կարապետ Ճագարակեր ունիթորին հետ: Անգամ մը որ Ճագարակեր պատրաստութիւններ կ՚ընէր Պետրոս Արագոնացիի պատրաստած Առաքինութեանց եւ Մոլութեանց գիրքէն Ապրակունեցիին հարցումներ տալ, ասոր աշակերտներէն մէկը, որ Ունիթորներու էր աշակերտած, բայց սիրտը հանդարտ չէր, գաղտնի կերպով նոյն գիրքին հայերէնը, զոր Յակոբ Քռնեցին էր թարգմանած, Սարգիսի կը բերէ, որպէսզի պատրաստուած գտնուի, եւ իրօք ալ երկու օր ետքը հարցումի եկող Ունիթորներուն, գիրքին համեմատ կը պատասխանէ Սարգիս եւ քննութեան եկող Ունիթորները կը զարմացնէ ( ՄԵԾ. 37): Ասոր վրայ նոյն գիրքին վրայէն իրեն աշակերտներուն ալ կը դասախօսէ, բայց Մեծոփեցին կը մեղադրէ անոնք` որ Արագոնացիին գիրքը նախադասած են Հայ եկեղեցւոյ ընդունած գիրքերուն, եւ յանուանէ կը յիշէ Գրիգոր Լուսաւորիչի, Աթանաս Աղեքսանդրացիի, Գրիգոր Աստուածաբանի, Կիւրեղ Աղեքսանդրացիի, Ստեփանոս Սիւնեցիի, Անանիա Շիրակացիի, Պօղոս Տարօնեցիի, Յովհաննէս Օձնեցիի, Սարգիս Հաղբատացիի, Դաւիթ Փիլիսոփայի, Մովսէս Քերթողահօր, եւ Ասողիկ Թարգմանիչի գիրքերը ( ՄԵԾ. 38): Ասոր վրայ, Ապրակունեաց վանքին աշակերտութեան Ունիթորութենէ խմորուելուն պատճառով հարկ եղաւ նոր կարգադրութիւն մը ընել, ինչպէս պիտի յիշենք:

1353. ՄԱՂԱՔԻԱ ՂՐԻՄԵՑԻ

Ուրիշ վարդապետաց խումբ մըն ալ Շամբիձորի վանքին մէջ կը պատրաստուէր միւս Սարգիս վարդապետի ձեռքին տակ, սակայն երկու Սարգիսներ աւելի փափաքող էին միաբանելու կէտ մը գտնել, եւ Արեւմտեայց ուսումէն օգտուելով Հայութեան իսկութիւնը պահել, բան մը որ անհնար էր ցորչափ մոլեգին նախանձայուզութիւն մըն էր Ունիթորներու նշանաբանը: Այս իրականութիւնը լաւ յայտնի էր Որոտնեցիին, որ երբեք չմօտեցաւ զիջողական ձեռնարկներու: Իրեն աշակերտներուն մէջ կը գտնուէր, իրմէ ալ աւելի նախանձայոյզ մէկը, Մաղաքիա Ղրիմեցի վարդապետը: Բնիկ Ղրիմու Կաֆա քաղաքէն, եւ նշանաւոր ազգատոհմի զաւակ, յոյժ մեծ տան որդի, եւ մեծ հարստութեան տէր, որ եկեղեցւոյ ծառայելու փափաքով եկած էր աշակերտիլ Որոտնեցիին` Տաթեւի վանքին մէջ: Գրեթէ տասնամեայ աշխատութենէ ետքը, ինքն ալ գործի գլուխ եղաւ Նախիջեւանի վանքերը ծաղկեցնելու եւ աշակերտութիւն կազմելու միտքով ( ՄԵԾ. 15), բայց եղելութիւնները զննելէ եւ կշռելէ ետքը, եւ տեսնելով ու Ունիթորներ վերացական ուսումներու հետ գործնական միջոցներու եւ յայտնի բռնութիւններու դիմելէ չեն կասիր, Մաղաքիա ալ որոշեց այդ կերպն ալ ընդունիլ, եւ արտաքին միջոցներով զօրացնել ուղիղ ուսման հետեւողները, ընկճել հակառակորդները, եւ քաջալերել հաւատացեալ ժողովուրդը: Այդ նպատակին յատկացուց իր հայրենական մեծագանձ հարստութիւնը եւս եւ ինչ որ ծանօթներէն եւ բարեացակամներէն կրնար հաւաքել: Ձեռք առաւ նաեւ տիրող պետութեան պաշտօնեաները` որ իր ուղղութեան օգնեն եւ սկսաւ բռնութեամբ ալ վանել բռնութիւն գործածողները: Իսկ ինքն կատարեալ ճգնողական կեանքի հետեւեցաւ, Ճգնաւոր կոչումը իբր մականուն ստանալու չափ, եւ զգեստի ու ուտեստի ու կենցաղի ամէնէն խստամբեր պայմաններուն ենթարկելով իր անձը ( ՄԵԾ. 16):