Ազգապատում. հատոր Բ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ԳՐԻԳՈՐ Է. ԱՆԱՒԱՐԶԵՑԻ

1196. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸԼԼԱԼԸ

Ստեփանոսի գերութեան մէջ եղած տարին, նոր կաթողիկոս դնել տալու միտք չունեցաւ Հեթում, վասնզի ոչ միայն եկեղեցւոյն կանոնը, այլ եւ ազգային պատիւն ալ կը պահանջէր, ոտնակոխ չընել եւ չանարգել իր պաշտօնին զոհ եղած, եւ օտարներէ հալածուած ու բանտարկուած կաթողիկոսը: Սակայն եթէ կաթողիկոսի անունը կրող մէկ մը չկար մէջտեղ, կաթողիկոսութիւն վարողը կար: Անդստին Կատուկեցիի ընտրութեան օրէն գործի վրայ էր Անաւարզեցին, որ Հռոմկլայեցիին օրով գործերու ալ տիրացած էր, եւ անհակառակ կը շարունակէր պաշտօնական տեղեկալութիւն, երբ աթոռը անտերունջ էր, եւ միտքեր յուզուած էին, Հռոմկլայի արկածը ամէնուն ուշը գրաւած էր, եւ վերահաս նոր վտանգի երկիւղն ալ փարատած չէր: Եթէ Ստեփանոսի կենդանութեան պատշաճողութիւնն ալ կը պահանջէր նոր կաթողիկոս չնստեցնել, ամէն ակնածութիւն կը դադրէր, երբ Ստեփանոսի մահուան լուրը կը հասնէր, եւ այն որ արդէն կաթողիկոսութեան ինքնիշխան վարիչն էր, պաշտօնական կերպով անունն ալ կ՚առնէր: Կարծես նոր ընտրողական գործողութեան ալ պէտք չէ տեսնուած, զի Օրբելեանի բացատրութեանը համեմատ, յետ այսր ամենայնի դիպուածոց, առնէ ժողով թագաւորն Հեթում եւ տայ ձեռնադրել կաթողիկոս Հայոց զտէր Գրիգոր Անաւարզայ եպիսկոպոս ( ՕՐԲ. Բ. 193): Միայն հրամայեալ ձեռնադրութիւն մը կը յիշուի, եւ կը ցուցնէ թէ եպիսկոպոսներու ժողովը եղած է, ոչ թէ ընտրելու, այլ ձեռնադրութիւն կատարելու համար: Շատոնց էր որ լատինամիտ կուսակցութիւնը, որուն հովանաւորն էր Հեթում, լատին միաբանութեան անդամակից կրօնաւորը, կը ջանար Հայ եկեղեցւոյ գլուխն անցընել իր կուսակցութեան պետ Գրիգորը, սակայն անգամ մը Լեւոն թագաւորի կամքն էր արգելք եղած 1168), անգամ մըն ալ Արեւելեայց հանդէպ ակնածութիւնն էր արգելած 1186), իսկ այս անգամ ոչ միայն արգելք մը չկար, այլ եւ շփոթ պարագաները պատեհ կու տային Հեթումին ազատօրէն գործել, եւ ամէնուն ալ մտադրութիւնը անձնական եւ պատահական խնդիրներէ հեռացած, միայն կաթողիկոսական աթոռին պահպանութեամբ ու պաշտպանութեամբ էր գրաւուած: Ահա թէ ինչ պարագաներու մէջ կը յաջողէր Անաւարզեցիին` այնչափ տարիներէ ի վեր հետապնդած եւ երկու անգամ յուսախաբ եղած, հայրապետական աթոռին տիրանալը:

1197. ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՀԱՆԳԱՄԱՆՔ

Գրիգոր անձնական յատկութիւններովը կարող անձ մը ճանչցուած էր, եւ իր հակառակորդ Օրբելեան ալ կը վկայէ, թէ էր այր գիտնական եւ առաքինի, սիրող եկեղեցւոյ տօնասէր եւ տօնախմբիչ տօնից տէրունականաց, եւ պայծառացուցիչ յիշատակաց մարտիրոսաց գիտէր եւ զլեզու եւ զդպրութիւն լատին եւ յոյն ազգին ( ՕՐԲ. Բ. 193): Ասորերենի ալ հմուտ ըլլալ կը կարծուի, զի ի Հռոմայեցւոց, ի Յունաց եւ յԱսորաց հաւասարապէս բազում պատմութիւն սուրբ վկայից թարգմանեաց կ՚ըսուի ( ԿԱԼ. 419): Առաջին ձիրքը ուսումնականութիւն ու գիտնականութիւնն է, որ նկատողութեան պիտի առնուի, եւ երկրորդ կը մնայ եկեղեցասիրութիւնը, զոր սակայն իր անձին անհատական տեսութեամբ, եւ ոչ իր եկեղեցւոյ աւանդական սկզբունքով կը գործադրէր: Իսկ առաքինութիւնով կ՚իմանանք թէ զերծ ու զեղխ կեանքէ զերծ էր: Իր ծննդավայրն ու առաջին կեանքը անծանօթ մնացած են, հակառակ իր շատ ծանօթ անձ մը լինելուն, եթէ չուզենք իրեն ի Սսոյ կոչուելէն ( ԿԱԼ. 419) հետեւցնել, թէ Սիս քաղաքը ծնած ըլլայ, եւ Մեծքարեցի կոչուելէն ալ հետեւցնել` թէ Մեծքարի աշակերտութենէն եղած ըլլայ, ուր վարդապետանոց մը կար 1156): Անաւարզեցի մակդիր անունը, որով ընդհանրապէս կը ճանչցուի, պարզապէս Անարզաբա քաղաքի կամ Անաւարզայ եպիսկոպոս ըլլալէն առնուած է ( ՕՐԲ. Բ. 252): Ուրիշ տեղ իրեն տրուած է Տուրքերիցանց մականունը ( ՀԵԹ. 85), որուն ոչ բացատրութիւնը ունինք եւ ոչ մեկնութեամբ կը գտնենք. զի եթէ երիցու տուրք կամ քահանայի որդի իմանանք, անմեկնելի կը մնայ երիցանց յոգնակի կիրառութիւնը: Այս կոչումներէն զատ ուրիշ մակդիր անուններ ալ տրուած են իրեն զանազան պարագաներու համեմատ եւ կոչուած է Երգեցող ( ՉԱՄ. Գ. 284) քաջ երգող ու երգահան ըլլալուն համար, Հոռոմ ( ՕՐԲ. Բ. 179) օտարադաւանութեան յարած ըլլալուն համար, եւ Ջրող պատարագի խորհրդական բաժակին ջուր խառնելու սկսելուն համար: Իր կաթողիկոսութեան բարձրանալուն որոշ օրն ալ յայտնի չէ, զի հաշիւի հիմ ըլլալիք պարագայ մը չենք գտներ, եւ Ստեփանոսի տարի մը բանտարկութիւն կրելն ալ օրը օրին 1292 յուլիս 28-էն հաշուել ալ հնար չէ: Հետեւաբար պիտի գոհանանք 1293 ամառուան միջոցին դնել Անաւարզեցիին պաշտօնապէս կաթողիկոս օծուիլը: Դիտողութեան արժանի է, որ Անաւարզեցիին ուղղութիւնը յայտնի, եւ ինքն կանուխէն ընդդիմութեան առարկայ եղած, եւ առանց ժողովական ընտրութեան եւ առանց Արեւելեայց համաձայնութեան կաթողիկոս հռչակուած ըլլալով ալ, Արեւելեայք չեն ուզած անոր կաթողիկոսութեան դէմ բողոքել, եւ ոչ ալ Ապիրատի դէմ ըրած ցոյցերնին կրկնել` իրենց համար զատ կաթողիկոս մը դնելով 1040): Այդ զգուշաւոր ընթացքը իրաւունք ունինք վերագրել Արեւելեայց պետն ու գլխաւորն եղող Ստեփանոս Օրբելեանի խոհականութեան, որ զգացած է անշուշտ թէ հայրապետութեան պառակտումը վտանգաւոր ու կարի վնասակար կ՚ըլլար ազգային եկեղեցւոյն, երբ կաթողիկոս մը աթոռէն հեռու գերութեան մէջ կը վախճանէր: Արեւելեայք ալ զգացած կ՚ըլլան, թէ ամէն զոհողութիւն պէտք էր ընել, որպէսզի աթոռին գոյութիւնն ու հաստատութիւնը չվտանգուի: Սակայն Անաւարզեցիին կաթողիկոսութեան չընդդիմանալով մեկտեղ, Օրբելեան համարձակ ընդդիմացած է անոր ուղղութեան եւ գործերուն, ինչպէս հետզհետէ պիտի տեսնենք:

1198. ԱՋԻՆ ԴԱՐՁԸ

Անաւարզեցիին կաթողիկոսութեան սկիզբը յաջողութեան նշոյլ մը եղաւ Եգիպտացւոց կողմէն հաշտութեան առաջարկ մատուցուիլը, ինչ որ Հայերուն համար մեծ մխիթարութիւն եղաւ: Քէթպողա որ բռնութեամբ սուլտանութիւնը գրաւած էր 1195) եւ ներքին թշնամութիւններէ կը վախնար, ստիպուած էր արտաքին թշնամութիւնները կարճել, եւ միանգամայն չէր համարձակէր իր տեղէն հեռանալ: Եգիպտոսի մէջ սկսած սովն ու անոր հետեւանքը եղող ժանտամահն ալ տխուր տպաւորութիւն գործած էին ընդհանրապէս, եւ ժողովուրդին միտքին մէջ քրիստոնէից դէմ գործուած բռնութեանց համար երկնային պատուհաս կը սեպուէին: Ահա զանազան պարագաները, որոնք իրարու խառնուելով Քէթպողան համոզեցին հանդարտ ձգել Հայերը, ինչ որ Հայոց ալ փնտռած կէտն էր: Հետեւաբար շուտով իրարու համաձայնեցան, Հայոց կողմէն ինչ ինչ տեղեր թողուեցան, ետուն տրտմութեամբ զԾագն եւ զԱպլճէս, եւ վասն սիրոյ ետ թագաւորն զանմատչելի դղեակն Պեհէսնի ( ՀԵԹ. 85) եւ զԳերմանիկիա որ է Մարաշ ( ՍԻՍ. 556), իսկ Եգիպտացիք դարձուցին իբրեւ աւար տարուած նուիրական սրբութիւնները, որոնց գլուխը Սուրբ Աջը, ինչպէս որ գրուած է, թէ սոյն աւուրքս պարոն Հայոց Հեթում` գնեաց զԱջն Լուսաւորչին եւ զամենայն մասունս ի յանօրինաց, եւ եբեր ի Սիս ( ՍՄԲ. 126): Հաշտութեան դաշինքին հետ Աջին եւ ուրիշ սրբութեանց դարձը Հայերու համար մխիթարական պարագայ մըն էր. եւ անհնար էր որ ամէն կողմ հռչակուած չըլլար: Այսու հանդերձ Օրբելեան որ Հայոց 746-ին, այսինքն 1297-ին կը կնքէ իր պատմութիւնը ( ՕՐԲ. Բ. 257), Հռոմկլայի առնուելուն առթիւ կը գոչէ. ոflւր Աջն եւ Գաւազանն եւ Աթոռն սրբոյն Գրիգորիւս որով պարծէիք ( ՕՐԲ. Բ. 192), ուսկից կը հետեւի թէ Աջին դառնալէն լուր չունէր: Սակայն Օրբելեանի պատմութիւնը հետզհետէ գրուած ըլլալով, պէտք չէ պնդել, թէ այդ կտորն ալ 1297-ին գրուած ըլլայ. միւս կողմէ Սմբատի շարունակողին ի սոյն աւուրքս բացատրութիւնը` 1292 եւ 1297 թուականներուն մէջ կ՚իյնայ անորոշ կերպով ( ՍՄԲ. 126), որով կրնանք ըսել թէ Աջին դարձը 1293-է մէկ երկու տարի ետքը տեղի ունեցած է. եւ Օրբելեան այն հատուածը գրած ատեն տակաւին Աջին ազատուելուն լուրը առած չէր: Ամէն առթի մէջ պէտք է ընդունիլ թէ Աջին գերեդարձը տեղի ունեցաւ Անաւարզեցիի առաջին տարիները, եւ պահուեցաւ Սիսի մէջ, ուր Անաւարզեցին հաստատեց իր հայրապետանոցը, քանի որ Հռոմկլայ քանդած էր եւ Եգիպտացւոց անցած եւ միանգամայն ազգային սովորութեան համաձայն էր` քաղաքական իշխանութեան կեդրոնին մէջ հաստատել հայրապետանոցն ալ: Սիմէոն Երեւանեցի կաթողիկոս, կը կարծէ թէ Աջը Եգիպտացիներէն Պարսիկներուն անցած, եւ անոնցմէ 1461-ին Աղթամարի Զաքարիա կաթողիկոսին նուիրուած ըլլայ ( ՋԱՄ. 8) եւ իր կարծիքը հաստատելու համար կը դիտէ թէ` զգերիլն Աջոյն ի Մսր պատմեն ամենայն պատմագիրք, բայց զդարձ ինչ որ բնաւ ( ՋԱՄ. 9), բայց կ՚երեւի թէ չէ տեսած Սմբատի շարունակողին պատմութիւնը, ուր յայտնապէս գրուած է թէ Հեթում գնեաց զԱջ Լուսաւորչին եւ եբեր ի Սիս ( ՍՄԲ. 126): Մենք ուրիշ առիթներ ալ պիտի ունենանք Աջին վրայ գրելու:

1199. ԿԱՏՈՒԿԵՑԻՆ ԵՒ ՍՐԲԱՐԱՆԸ

Անաւարզեցին երբոր կաթողիկոսական աթոռը գրաւեց, եւ անհակառակ տիրապետութիւնն ալ ապահովեց, Արեւելեայց ընդդիմութեան չի հանդիպելով, եւ անոնցմէ ալ իբրեւ կաթողիկոս ճանչցուելով, այլ եւս վստահութիւն կրցաւ ունենալ թէ Կատուկեցիին կողմէն իրեն դէմ որեւէ շարժում պիտի չըլլայ, կամ եթէ ըլլայ ալ իրեն պիտի չվնասէ, ուստի Հեթումի հաւանեցաւ, եւ համաձայնեցան անոր դիւրագոյն կեանք մը պատրաստել: Առաջին անգամ Կատուկեցին Լամբրոնի մէջ 1184) շղթայակապ բանտարկելէն յետոյ, թէպէտ չենք գիտեր թէ որչափ ետքը, բարձին զկապանսն, բայց ոչ հանին յարգելանոցէն, եւ անկէ մինչեւ այս ատեն զամս չորս Կատուկեցի կաթողիկոսը կը մնար Լամբրոնի բերդը փակուած ( ՕՐԲ. Բ 186): Բանտարկութիւնը տեղի ունեցած էր 1289-ին, կը տեւէր ուրեմն մինչեւ 1293, Անաւարզեցիին կաթողիկոսացած տարին: Միեւնոյն թուականը կը գտնուի արձանագրուած նշանաւոր սրբարանին կամ մասունքներու պահարանին վրայ, որ կը պահուէր հիւսիսային Իտալիոյ Աղէքսանդրիա (Alessandria della Paglia) քաղաքին մօտ, Պօսքօ Մարէնկօ (Bosco Marengo) գիւղը, Դոմինիկեանց վանքը, այժմ կը գտնուի Ռուսիոյ կայսերական թանգարանը ( ՀԱՅ. 498): Սրբարանը ընդարձակ յիշատակարան մըն ալ ունի Կոստանդին կաթողիկոսի մը կողմէ գրուած, եւ իբրեւ արհեստի նմոյշ մը յատուկ մտադրութեան առարկայ եղած է Լէյտա (Leijden) գումարուած 1883 տարւոյ հնասիրաց համաժողովին մէջ ( ՍԻՍ. 107-112): Յիշատակարանին գլուխը նշանակուած տարին, յեօթ հարիւր Հայոց թուական ընդ քառասուն ամաց լրման, եւս եւ երկուց ի սոյն պայման, որ է Հայոց 742, կամ 1293 տարին, Կատուկեցիէն զատ ուրիշ Կոստանդինի մը չի կրնար պատշաճիլ, սակայն միւս կողմէն գիտենք թէ նոյն տարին Կատուկեցին այլ եւս կաթողիկոս չէր, միայն թէ անոր բանտարկութենէ ազատուելուն տարին էր, որով իբրեւ ուխտի յիշատակ մը նուիրուած կ՚ըլլայ այն Կոստանդինի կողմէ: Ըստ այսմ 1293 թուականը իր ազատութեան եւ ուխտին տարւոյն պէտք է վերաբերել, քան թէ շինութեան, որ կրնայ տարի մը ետքն ալ աւարտած ըլլալ: Յիշատակարանին մտադիր ուսումնասիրութեամբը կը տեսնենք, որ Կոստանդին անձն տարտամ, սնեալ ի Կլայն Հռոմայական, եղեր է կաթողիկոս, բայց չըսեր թէ այժմ ալ կաթողիկոս է, եւ կը յաւելու թէ արդ, այսինքն է հիմա ու կաթողիկոսութենէ ետքը, Սկեւռայ վանուց ի հովուութեան, եդայ տեսուչ այն մեծի տան, եւ վիճակին իւր սեպհական: Ասկէ ամենայն իրաւամբ կը հետեւցնենք, թէ Կատուկեցին չորս տարի բանտարկութենէ ետքը, Լամբրոնի բերդէն հանուեցաւ, բայց չներուեցաւ իրեն անկէ հեռանալ, եւ իր Խորին վանքը երթալ Բարձրբերդի կողմերը, այլ իրեն իբրեւ բնակութիւն ու պաշտօնավայր նշանակուեցաւ Սկեւռայ վանքը, որ էր առընթեր հայրենատուր ամրոցի տերանց Լամբրոնի ( ՍԻՍ. 97): Խոնարհամիտ հայրապետը, որ անտրտունջ թողեր էր իր աթոռը, ուրախութեամբ ընդունած է Սկեւռայ առաջնորդութիւնը, բանտարկութենէ ետքը, եւ ոչ թէ կաթողիկոսութենէ առաջ վարած է այդ պաշտօնը, ինչպէս ոմանք կարծեցին ( ՀԱՅ. 498), զի կաթողիկոսութենէ առաջ Խորին վանքի առաջնորդ էր ( ՕՐԲ. Բ. 184): Կատուկեցին չի յիշատակեր իրեն դէմ եղած անիրաւութիւնը, բայց երկու նշանակալից տողեր կարծես թէ թափանցիկ կերպով կը ցուցնեն անոր սիրտին ցաւը, զի կը գրէ. Այլ երանի թէ աստ վախճան առնոյր զրոյցս պատմութեան, եւ կ՚անցնի պատմել Հռոմկլայի առումը եւ հայրապետին գերութիւնը: Նոր ցաւեր ալ ունեցանք` ըսելը, առաջունէ ցաւ մը ունեցած ըսել է, մինչ ցաւ մը պատմած չէր, ուստի անշուշտ միտքին մէջ իր գահընկէցութեան յիշատակները կը նորոգուէին, որ նոր ցաւերու կ՚ակնարկէր: Նոյն յիշատակարանին մէջ իրեն վրայ խօսելով, կը գրէ թէ զետեղել եմք ի Սկեւռայն ( ՍԻՍ. 108), ինչ որ բաւական նշանակալից է, թէ ոչ իբրեւ պատիւ մը, այլ իբրեւ բռնադատեալ բնակութիւն մը նշանակուած է իրեն Սկեւռայ վանքը:

1200. ԿԱՏՈՒԿԵՑԻՆ ԵՒ ՍԿԵՒՌԱՅ

Դիտելու արժանի է, որ յիշատակարանին մէջ նոյն ատենի կաթողիկոսին անունը գրուած չէ, թէպէտ երկու անգամ գոհութեամբ եւ օրհնութեամբ յիշուած է Հեթումի անունը: Չենք կրնար ըսել թէ կաթողիկոս մը չգտնուած ատեն գրուած է յիշատակարանը, որովհետեւ յայտնապէս կ՚ըսէ թէ Հռոմկլայի առումը տեղի ունեցաւ ամօք յառաջ քան զթուական, այսինքն Սրբարանին շինութենէն տարիներ առաջ, մինչ հազիւ տարի մը ետքը արդէն Անաւարզեցին կաթողիկոս եղած էր, որով կամաւոր դիտում կը տեսնուի Անաւարզեցիին անունը չտալու մէջ: Իսկ Հեթումի անունին պատուով յիշումները, բնաւ իրաւունք չեն տար հետեւցնել, թէ ուրեմն անհաւանական է որ Հեթում յօժարած ըլլայ զնա աթոռէն հրաժարեցնել ( ՀԱՅ. 498), քանի որ պատմութիւնը յայտնի է, եւ Օրբելեանի կծու ակնարկը ( ՕՐԲ. Բ. 192) երկբայելու տեղի չթողուր: Ուստի Հեթումի համար աղօթքը` թագել ընդ սուրբս յարքայութեան, եւ երախտեացն որ յիս հասան` խոստովանութիւնը ( ՍԻՍ. 109), բարի հոգիի արտայայտութիւններ են: Իսկ ըսելը թէ բարւոյն Հեթմայ յարաբերութեան եդայ տեսուչ այն մեծի տան, որ է Սկեւռայի առաջնորդ ըլլալուն յիշատակութիւնը ( ՍԻՍ. 108), կը ցուցնէ թէ այդ եղած է բանտարկութենէ ետքի միջոցին: Այս դիտողութիւններէ կը հետեւի թէ առաւելապէս Հեթումի կամքով եղած է Կատուկեցիին ազատութիւնը, քան թէ Անաւարզեցիին նախաձեռնութեամբը, որ թերեւս տակաւին չէր սիրեր ազատ վիճակի մէջ տեսնել Կատուկեցին, որ մի գուցէ իրեն ծրագիրներուն դէմ արգելք մը յարուցանէ: Իսկ Հեթում, որ իր լատինամիտ ուղղութեան հետ, խղճահար բարութիւն մըն ալ կը սնուցանէր իբրեւ Փրանկիսկեան կրօնաւորութեան նուիրեալ բարեպաշտ մը, բաւական խղճի յուզում ունեցած պիտի ըլլայ, չորս տարի շարունակ Լամբրոնի դղեակին մէջ փակուած պահելով խեղճ Կատուկեցին, եւ Անաւարզեցին ալ համոզած է Լամբրոնի դղեակէն Լամբրոնի վանքը փոխադրել զայն, եւ եկեղեցական մխիթարութեան ալ դիւրութիւն տալ` Սկեւռայ առաջնորդութեամբը:

1201. ՀԵԹՈՒՄԻ ԿՐՕՆԱՒՈՐԻԼԸ

Երբոր Հեթում կը տեսնէ թէ այլ եւս ամենայն ինչ կարգի մտած եւ կանոնաւորութիւն ստացած է, Գրիգորի կաթողիկոսութեամբ եւ Եգիպտացւոց հետ հաշտութեամբ, ատենը հասած կը կարծէ քաղաքական գործերէ բոլորովին քաշուիլ, եւ այն կրօնաւորութիւնը զոր իբր երրորդական մը կամ իբրեւ արտօնեալ մը աշխարհի մէջ կը վարէր, իր ամբողջական կատարելութեան հասցնել, Փրանկիսկեանց քուրձէ կապան հագնիլ, եւ չուան գօտին պատել եւ վանական կեանք վարել: Արդէն իրմէ զատ վեց եւս որդիներ թողած էր Լեւոն Գ., ամէնն ալ գործի տէր եւ կարող անհատներ, որոնք կրնային թագաւորութիւնը կառավարել: Այդ նպատակով ետ զպարոնութիւնն յիւր եղբայրն ի պարոն Թորոսն, եւ ինքն եմուտ ի կարգ եւ կրօնաւորուեցաւ, եւ Փրանկիսկեանց վանքը, մտաւ, որուն ուր ըլլալը եւ ինչ անուն ունենալը նշանակուած չէ: Պատմիչը այդ եղելութիւնը կը դնէ 1293 թուականին, որ է նոյնիսկ Անաւարզեցիին կաթողիկոս եղած տարին ( ՀԵԹ. 85), սակայն Վենետիկի Փրանկիսկեաց վանքին մէջ նկարուած պատկերին ներքեւ 1294 տարին ցուցուած է` իբր թուական Հայոց Թագաւոր Երանելի Եղբայր Յովհաննէսին, սրովբէական սքեմը, այսինքն Փրանկիսկեանց տարազը առնելուն ( ՀԱՅ. 516): Մեզի ալ աւելի յարմար կը թուի այդ 1294 թուականը, որ միջոց մը կը թողու Գրիգորի կաթողիկոսութենէն եւ Եգիպտացւոց հաշտութենէն ետքը պէտք եղած կարգադրութեամբ զբաղելու: Իսկ պատմիչին տարի շփոթած ըլլալը նշանակութիւն չունենար, քանի որ Հեթումի իբր կրօնաւոր ունեցած Յովհաննէս անունն ալ կը շփոթէ, եւ Մակար կոչեցաւ կ՚ըսէ. ( ՀԵԹ. 85), մինչ Մակար անունը Հեթում Ա-ին առած անունն է 1155): Թորոս Հեթումէ ետքը երիցագոյն եղբայրն էր, եւ կարգով անոր կ՚իյնար յաջորդութիւնը, այսու հանդերձ Թորոս իբրեւ թագաւոր չի ճանչցուեցաւ, այլ իբրեւ տեղակալ կամ խնամակալ ստանձնեց պարոնութիւնը, այսինքն իշխանութիւնը, որով կարծես թէ Հեթում գործէ քաշուած չըլլար, այլ Եղբայր Յովհաննէս անունովը եւ Փրանկիսկեան կրօնաւորի տարազովը կը շարունակէր հսկել թագաւորութեան գործերուն: Այս միջոցներուն պէտք է դնել, Հեթումի քոյրերէն Ռիթայի` Յունաց կայսեր Անդրոնիկոս Բ. Պալէոլոգի Միքայէլ որդւոյն հետ ամուսնանալը, եւ Զապլունի Տիւրոսի կոմսուհի կոչուիլը` ամուսնանալով Կիպրոսի Հենրիկոս թագաւորին եղբոր` Ամաւրի Լուսինեանի հետ (Amaury de Lusignan):

1202. ԱՆԱՒԱՐԶԵՑԻԻՆ ԾՐԱԳԻՐԸ

Անաւարզեցիին առջեւ այլեւս ասպարէզը բաց էր, այնչափ տարիներէ ի վեր իրեն նպատակ ըրած փոփոխութիւնները մուծանել Հայոց եկեղեցւոյն մէջ, ստրկաբար ընդգրկելով Լատինացւոց ծէսերն ու սովորութիւններն ալ: Ինքն կաթողիկոս էր, Հեթում թագաւոր իր պաշտպանն էր, զանազան միջոցներով իրեն կողմը շահուած խումբ մըն ալ ունէր, թէպէտ ամբողջ Կիլիկիան չունէր, իսկ Հայաստան իրեն միտքին հակառակ էր: Գրիգոր անգիտակ չէր այդ կացութեան, ուստի կ՚աշխատէր տակաւ առ տակաւ մուծանել իր մտածած նորութիւնները, եւ առանց աղմուկի ու շփոթի ամէն բան փոփոխել: Այս նպատակին համար նախ ինքն կը սկսէր անձամբ կատարել իր ծրագիրները, անկէ կաթողիկոսարանին մէջ գործադրել կու տար, միեւնոյն ժամանակ արքունեաց երէցներն ալ կը համակերպէին Հեթումի հրամանին ներքեւ: Անկէ կը սկսէր վանահայրներէն եւ եպիսկոպոսներէն իրեն համամիտներ գտնել, եւ մինչեւ իսկ ընդդիմադիրները համոզելու համար հակաճառութեան կը մտնէր. եւ հեռաւոր տեղեր ալ իր համամիտներէն եւ մտերիմներէն նուիրակներ կը ղրկէր, ճարտար կերպով իրեն կողմը գործակիցներ կազմելու: Ըստ այսմ Անաւարզեցին կը զգուշանար բացարձակ հրամաններ արձակել եւ որոշումներ տալ, այլ կը սպասէր մինչ հասարակաց ժողով լինի, որ ընտելանան ( ԿԱԼ. 440), վասնզի համոզուած էր ու պէտք կը զգար, որ ընելիք փոփոխութիւնը ժողովով հաստատուէր ( ԿԱԼ. 438): Հետեւաբար վստահօրէն կրնանք եզրակացնել, թէ ինչ ալ ըլլան Անաւարզեցիի մտածածները, ըսածները եւ ըրածները, անոնք ոչ օրէնքի եւ կանոնի, եւ ոչ ալ աւանդութեան եւ սովորութեան ոյժը ունին, եւ կը մնան լոկ անհատական գործողութիւններ, որոնց մասին ինքն ալ կ՚ընդունի, թէ իրեն հնար է լսել, Մի' փոխէր զսահմանս` զորս եդին հարքն քո ( ԿԱԼ. 448): Ըստ այսմ լատինամիտներ կամ լատինասէրներ, որոնք կը կարծեն կաթողիկոսական իշխանութեան հեղինակութեամբ ճոխանալ Անաւարզեցիին վրայ կրթնելով, իրաւունք չունին այդ կողմէն փաստ մը քաղել, քանի որ ինքն Անաւարզեցին կը խոստովանի թէ ժողովի հաստատութեան պէտք կայ եւ միւս կողմէն ալ յայտնի է թէ իր օրով բնաւ ժողով գումարուած չէ: Այս դիտողութիւնը կ՚ընենք Անաւարզեցիին գործը Անաւարզեցիին միտքով կշռադատելու համար, զի մեր համոզմամբ ժողով մը եղած ատեն ալ, պէտք է ոչ թէ նիւթական գումարումով գոհանալ, այլ ժողովին օրինաւորութեան եւ հեղինակութեան պայմաններն ալ քննել, ու այնպէս եզրակացութեան յանգիլ:

1203. ԱՂԹԱՄԱՐԻ ԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

Անաւարզեցիին լատինամիտ փոփոխութեանց մասին ընդարձակօրէն խօսելու չսկսած, անցողակի յիշենք Սիսի եւ Աղթամարի աթոռներուն յարաբերութեանց ակնարկ մը, որ կը գտնուի Անաւարզեցիին գրութեան մէջ, ուր Հեթումի ուղղելով խօսքը կ՚ըսէ. ԶԱղթամարն օրհնել ետուր ( ԿԱԼ. 439), առանց ուրիշ բացատրութիւն մը աւելցնելու: Այս խօսքերը հիմ եղած են կարծելու թէ Անաւարզեցին Աղթամարի աթոռին վրայէն վերուց այն բանադրանքը, որ Սեաւ-Լերան ժողովով դրուած էր 929), եւ հրաման տուաւ անոր որ անարգել իր իշխանութիւնը վարէ, ու բազում սէր եցոյց յայնմհետէ առ նոյն աթոռ ( ՉԱՄ. Գ. 289), մինչ այս մասին որեւէ պատմական յիշատակ չկայ: Յիշատակարանի մը մէջ այս միջոցին իբր Աղթամարայ կաթողիկոս կը նշանակուին իրարու ետեւէն Սէֆէտին իշխանի երկու որդիքը, Ստեփանոս եւ Զաքարիա ( ԱՐԾ. 363), մինչ Հաւաքարանը Ստեփանոսէ ետքը կը դնէ Եղիշէ Աղբակեցին 1292-էն 1300, եւ անկէ ետքը Զաքարիա Սէֆէտինեանը 1300-էն մինչեւ (00 ԲԻԶ. 1193), իսկ Յիշատակարանը Զաքարիայի մահը կը դնէ 1321-ին ( ԱՐԾ. 365): Բայց ով ալ ըլլայ Անաւարզեցիին ժամանակակից Աղթամարեցին, հնար պիտի չըլլայ բոլորովին հերքել Անաւարզեցիին վերագրուած արձակումն ու օրհնութիւնը, բայց եւ ոչ տեւական արդիւնք մը տալ անոր: Թուականէս իբր 40-50 տարի ետքը, Մխիթար կաթողիկոս կը գրէ, թէ Աղթամարի աթոռը` յառաջնմէ հնազանդ էր կաթողիկոսին, այլ սակաւ ժամանակ է, զի ետ անձին անուն կաթողիկոսի, վասնորոյ բանադրեցաւ ի կաթողիկոսէն Հայոց, եւ թէ յորմեհետէ արքեպիսկոպոսն Աղթամարայ ապստամբեցաւ ի մէնջ, բանադրեցաք հանդերձ վիճակակցօք նորա ( ՉԱՄ. Գ. 396): Քանի որ Մխիթարէն սակաւ ժամանակ առաջ տեղի ունեցաւ Աղթամարի դէմ նոր բանադրանք մը, հնար չէ զայն նոյնացնել մոտ 200 տարի առաջ 1114-ի վճիռին հետ, եւ պէտք է ըսել թէ Անաւարզեցիի արձակումէն ետքը, նորէն խնդիր յուզուեցաւ եւ Անաւարզեցիի արձակումը չեղեալ նկատուեցաւ: Բայց թէ Գրիգորի եւ Մխիթարի միջանկեալ երեք կաթողիկոսներէն ով եղաւ բանադրանքը նորոգողը, պատմութիւնը մեզի չի յայտներ: Եղելութիւնը վաղանցուկ եւ անհետեւանք բան մը եղած ըլլալուն, հարկ չենք սեպեր աւելի հեռու տանիլ մեր հետազօտութիւնները, թէ ինչ պարագաներու մէջ եւ ինչ պայմաններու ներքեւ տեղի ունեցան Սիսի եւ Աղթամարի աթոռներուն հաշտարար յարաբերութիւնները Անաւարզեցիի օրով, եւ կրկին հակառակութիւնները Անաւարզեցիէ ետքը:

1204. ԱՌԱՋԻՆ ՔԱՅԼԵՐԸ

Անաւարզեցին կը խոստովանի, որ երբ առաջին անգամ Լատիններուն կողմէն իրեն առաջարկուեցաւ` իբր նմանողութեան նախընծայ պայման, պատարագի բաժակին ջուր խառնել, ինքն անմիջապէս չհաւանեցաւ, զի կը գրէ, երբ Ֆռանգքն խնդրեցին զայս յինեն, ես հակառակ կեցայ, զի գիտէի ստուգապէս, որ չէր վնաս ( ԿԱԼ. 438): Ասկէ կը հետեւի, թէ որչափ ալ սիրտով պատրաստ ըստ ամենայնի Հռոմի ծէսերն ու սովորութիւններն ընդունիլ, սակայն խոհական խղճահարութիւն մը ունեցած է յախուռն չյառաջելու, եւ պատշաճ կերպով զինուելու իր միտումը իրականացնելու համար: Իր կողմէն յայտնուած պատրաստականութիւնը քաջալերած է Լատին կրօնաւորները իրենց դպրոցական ձեւերով եւ արուեստակեալ պատճառաբանութիւններով գրաւել անոր միտքը, որ արդէն Արեւմտեայց գիտական առաւելութիւններէն նախապաշարեալ էր: Պատարագի բաժակին ջուր խառնիլը` հայադաւանութեան դէմ պայքարին գլխաւոր մեկնակէտը եղած է, որովհետեւ Անաւարզեցիէն մեզի հասած դաւանաբանական գրութեանց, ոչ թէ միայն մեծագոյն պարունակութիւնը, այլ գրեթէ ամբողջութիւնը այդ խնդիրին շուրջը կը դառնայ, եւ յարմար անյարմար վկայութիւններ կուտակուած են ջրախառն բաժակը պաշտպանելու համար: Եթէ յառաջ բերուած վկայութեանց մէջ Աթանասի եւ Բարսեղի, Ոսկեբերանի եւ Աստուածաբանի անուններն ալ կան, որոնք կրնան Հայերուն ծանօթ ենթադրուիլ, սակայն Աղեքսանդր Ա. եւ Յուլիոս Ա. պապերէն Կիպրիանոս Կարքեդոնացիէ եւ Ամբրոսիոս Մեդիոլանեցիէ ( ԿԱԼ. 436), Հերոնիմոս Դաղմատացիէ եւ Բեդատ Անգղիացիէ ( ԿԱԼ. 444) քաղուած վկայութիւններ, զորս Անաւարզեցին ջրախառն բաժակի պաշտպանութեան համար կը յիշէ, յայտնապէս կը ցուցնեն, թէ որոնք եղան Անաւարզեցիին խորհրդատուները ու համոզողները, որ մինչեւ իսկ իբրեւ գերագոյն փաստ կը դիմէ յամենայն Ֆռանգ սուրբ հայրսն, որ ի հարկին յառաջ բերէ եւ ցուցնէ չհամոզուողներուն ( ԿԱԼ. 444): Անաւարզեցիին մեծ խիղճ եղած է, որ Լատին եկեղեցւոյ մէջ նզովք կայ եղեր բաժակի ջուր չխառնողներուն վրայ: Ես, կ՚ըսէ, ոչ գիտէի թէ ժողովօք եւ հայրապետօք մեծ բանադրուած է, եւ բոլոր ջանքն այն է, որ այդ բանադրանքէն զինքն ազատէ, եւ իբրեւ ապահովութիւն, արդէն սահմանեալ եմ, կ՚ըսէ, որ երբ պատարագ կու առնեմ, նա', ջուր դնեմ ի ծածուկ ( ԿԱԼ. 438): Որով կ՚արդարացնէ իրեն տրուած Ջրող մականունը: Բայց շատ զօրաւոր հոգւոյ տէր չի հանդիսանար, երբոր ծածուկէն բաժակը ջրելով, ինքզինքը կը կարծէ պաշտպանել, իսկ իր եկեղեցւոյն պաշտօնեաներուն կը ներէ, որ անջուր պատարագեն, եւ համարձակ կը գրէ, ով ուզէ առնէ, եւ որ չուզէ, թող կենայ մինչ ի ժողով ( ԿԱԼ. ), քանի որ պէտք չէր, որ անտարբեր մնար, եթէ իրաւ համոզում գոյացուցած էր, թէ բանադրանքի ներքեւ կը մնայ չընողը:

1205. ԶԱՆԱԶԱՆ ԿԷՏԵՐ

Ջրախառն բաժակի խնդիրին մասին համոզում գոյացնելէ ետքը, դիւրին էր ուրիշ լատինական նմանողութիւններն ալ ընդունիլ տալ Անաւարզեցիին, որ կը սկսի ձեռք առնել ուրիշ կէտերն ալ, զորս կ՚ուզէ լատինին նմանեցնել, եւ Հայ եկեղեցւոյ աւանդական կարգերը ջնջել: Իր փափաքած փոփոխութիւններն են. 1. Ընդունիլ Յոյներէ եւ Լատիններէ ընդունած եօթը ժողովները, բայց չի յիշէր լոկ Լատիններուն ընդունուած ուրիշ եօթը ժողովները, որոնցմով Արեւմտեայց տիեզերական ժողովները 14-ի հասած էին: 2. Համարձակ դաւանիլ երկու բնութիւն, երկու կամք եւ երկու ներգործութիւն ի Քրիստոս, պնդելով թէ Հայոց կաթողիկոս մըն ալ եւ Աղուանից կաթողիկոս մըն ալ զայն ընդունած են, բայց անուն չի տար, եւ յայտնի չէ, թէ որոնց կ՚ակնարկէ: 3. Ծնունդը դեկտեմբեր 25-ին տօնել Յայտնութենէ զատելով: 4. Զատկի Ճրագալոյցին երեկոյին կաթեղէնով նաւակատիք չընել: 5. Յինանց ուրբաթներուն պահքը չլուծել: 6. Բոլոր տէրունի եւ սրբոց տօները եւ պահոց օրերը Լատիններուն հետ ընել, եւ Հայկական եկեղեցւոյ եօթնեկական դրութիւնը ջնջել: 6. Սուրբ Աստուածին մէջէն կամ խաչեցար բառը վերցնել, կամ Քրիստոս բառը աւելցնել: 8. Եկեղեցական զգեստները գործածել, թէպէտ չաւելցներ, որ Լատիններու ձեւերն ալ ընդունելու է: 9. Ժամերգութիւնները եկեղեցւոյ մէջ կատարել: 10. Քահանայական աստիճանները Լատինաց համեմատ տալ: 11. Պատկերները ընդունիլ Լատինաց պէս, անխտիր եւ առանց օրհնութեան: 12. Բաժակին ջուր խառնել, ինչ որ արդէն գլխաւոր խնդիրն էր ( ԿԱԼ. 439): Այդ կէտերը զննած ատեննիս, կը տեսնենք անոնց մէջ քանիներ, որոնք առջի դարերէն Յոյներու կողմէ իբր միաբանութեան պայմաններ առաջարկուած էին, բայց երբեք պաշտօնապէս ընդունուած չէին: Սակայն Անաւարզեցիին յիշած գլուխները նոր կէտեր ալ կը պարունակէին, հետեւելով անշուշտ Լատին կրօնաւորներուն թելադրութեանց, որոնց կը հպատակէր կրօնաւոր թագաւորը, եւ որոնց աշակերտած էր օտարասէր կաթողիկոսը: Եթէ կային կէտեր, որոնք սկիզբէն ի վեր դաւանական կամ կարեւոր տարբերութիւններ պարունակելնուն` ուրիշ եկեղեցիներէ ատեն ատեն պահանջուած էին, սակայն Անաւարզեցիին օտարասէր եռանդը այնչափ ալ չէր բաւականանար, եւ բոլորովին նոր փոփոխութիւններ ալ կ՚առաջարկէր, որոնք թերեւս պահանջուած ալ չէին, ինչպէս է տօներու մասին եօթնեկական դրութեան ջնջումը, Ճրագալոյցի կամ Յինանց ուտելիքները, եւ ուրիշներ ալ:

1206. ՇԱՐԱԿԱՆՆԵՐ ԵՒ ՏՕՆԵՐ

Անաւարզեցին նորութեանց տենդով տոչորեալ անձ մը կ՚երեւի, վասն զի փափաք ունեցած է եկեղեցւոյ մէջ փոփոխութիւններ մտցնել, նաեւ անկախաբար լատինական նմանողութիւններէ: Այդ կարգէն է առաւօտեան ժամերգութեան մէջ Մեծացուսցէ կարգը հանապազօրեայ ընել, ամբողջապէս իր փոխով ու շարականով, քարոզով եւ աղօթքով: Ժամերգութեան այդ մասը, որ Քրիստոսի Մարդեղութեան կամ Յայտնութեան նուիրեալ էր, հայկական հին ծէսին համեմատ, կիրակնօրեայ պաշտօն մըն էր եւ Յարութեան նուիրեալ իւղաբերից կանոնին մաս կը կազմէր: ( ՕՁՆ. 29): Անաւարզեցին, անշուշտ Լատիններէ թելադրուելով, թէ Հայոց ժամերգութեան մէջ Աստուածածնայ պաշտման բաւական մտադրութիւն դարձուած չէ, որոշեց որ Մեծացուսցէ կարգը, Յարութեան կանոնէն զատուելով հանապազօր կատարուի առաւօտեան ժամերգութեան մէջ: Այդ նպատակով բազմաթիւ Մեծացուսցէ շարականներ ալ յօրինեց, իւրաքանչիւր օրուան պատշաճին համար, որոնցմէ քանիներ գրչագիրներու մէջ կը տեսնուին, սակայն հաստատուն կիրառութեան մտած չեն, թէպէտ եւ Մեծացուսցէ կարգին ամենօրեայ ըլլալը սովորական դարձած է, եւ այսօր ալ կը կատարուի: Անաւարզեցին իր Երգեցող մականունն ալ արդարացուցած է նոր շարականներ յօրինելով, որոնցմէ 33 կանոն ցուցակագրուած կը գտնենք ( ՍԻՍ. 242): Անոնցմէ 9 հատը Աստուածայայտնութեան տօնին կը պատկանին, որուն ինն օրերը բաժնած է երկու ճրագալոյցներու, երկու եռօրեայներու եւ Թլփատութեան տօնի մը: Երեք կանոններ գրած է Աւագ շաբաթի առջի երեք օրերուն համար: Յատուկ կանոններ յօրինած է, Անդրէաս ու Թովմաս առաքեալներու, Մատթէոս ու Մարկոս ու Ղուկաս աւետարանիչներու, 72 աշակերտներու, Նիկողայոս, Բարսեղ, Աստուածաբան ու Ոսկեբերան հայրապետներու, Գէորգ, Մերկեռիոս, Թէոդորոս ու միւս Թէոդորոս զօրավարներու, եւ կանոն մըն ալ Տարագոսեան մարտիրոսներու` որոնք Անարզաբայի յատուկ սուրբեր են: Ըստ այսմ Աստուածայայտնութեան 9 կանոններէն զատ 18 ալ կանոններ յօրինած է Հայ եկեղեցւոյ ընդունած տօներուն, թէպէտ անոնցմէ ոմանք արդէն իրենց շարականները ունեցած են: Մնացեալ 6 կանոններուն տօներն իսկ նոր են եղած, եւ իր կողմէն մուծուած, որոնք են Երրորդութիւն, Անարատ Յղութիւն եւ Ընծայումն Աստուածածնի, Ամենայն Սրբոց, Եօթներորդ ժողով, որ է Նիկիոյ Բ, եւ Լեւոն պապ: Իր գրած շարականները հաւանաբար յիշուածներէն աւելի ալ եղած պիտի ըլլան, զի 33 կանոնները միմիայն ցուցակագրողին ձեռքը հասած գրչագիրներուն մէջ տեսնուածներն են: Անաւարզեցիին գրական արժէքը չի բարձրանար այս շարականներով, որոնց մէջ իր պաշտպաններն ալ կը պարտաւորուին խոստովանիլ թէ չիք վսեմական ոճ նախնի շարականաց ( ՍԻՍ. 242): Անոր գրած շարականներէն եւ ոչ մէկը գործածական է այլեւս, եւ խափանմանը պատճառ եղած է անշուշտ Տաթեւացին, որ ընդունելի շարականներու ցուցակը կազմելէն ետքը, աւելցուցած է. Այսքան շարականս ընդունելի է յեկեղեցի, եւ աւելի քան զայս խոտելի է եւ անպիտան ( ՏԱԹ. 638): Հարկաւ Տաթեւացին չէր կրնար ներել, որ Անաւարզեցիին գրածները կիրառութեան անցուին: Շարակնոցին հետ Յայսմաւուրքին վրայ ալ յատուկ աշխատութիւն ունեցած է Անաւարզեցին, նորանոր յիշատակներ աւելցնելով անոր մէջ, եւ անշուշտ անկէ մնացած պիտի ըլլան Յայսմաւուրքի մէջ անցած Լատին սուրբերու յիշատակները, զոր օրինակ Ամբրոսիոս Մեդիսլանեցի ( ՅԱՍ. Բ. 275), Գրիգոր Հռոմայեցի ( ՅԱՍ. Ա. 117), Դորոթէոս Տիւրացի ( ՅԱՍ. Ա. 243), Եօթներորդ ժողով ( ՅԱՍ. Բ. 165), Լաւրենտիոս եւ Քսեստոս Հռոմայեցիք ( ՅԱՍ. Բ. 72) եւ ուրիշներ: Յայսմաւուրքը պէտք էր յատուկ առարկայ ըլլար Անաւարզեցիի մտադրութեան, որովհետեւ կ՚աշխատէր ջնջել տօներու մասին Հայ եկեղեցւոյ եօթնեկական դրութիւնը, եւ սրբոց տօները կատարել ամսաթիւի դրութեամբ եւ Յայսմաւուրքի կարգով:

1207. ԳՈՐԾԱԴՐԵԼՈՒ ՋԱՆՔԵՐ

Անաւարզեցիի լատինասէր ծրագիրին մասին պէտք եղած տեղեկութիւնները տալէն ետքը, հարկ կ՚ըլլայ յիշել անոր իրականացման մասին իր ճիգերը: Ինչպէս կանխեցինք ըսել 1204), նա առաջին անգամ կը սկսէր ինքը գործադրել իր միտքը, չսպասելով ալ, որ նախապէս իր ծրագիրը կանոնաւորապէս քննուի ու ընդունուի եւ ժողովական որոշմամբ հաստատուի: Միեւնոյն ժամանակ հրաման կու տար, որ ով որ ուզէ իրեն նմանիլ, ազատ ըլլայ հնաւանդ ծէսը զանց ընել, եւ նոր ոճը գործադրել, եւ համարձակ կը գրէր, հրաման կու տամք եւ կու օրհնեմք որ ձեր, այսինքն Հեթումի երիցունքն ջուր խառնեն ի նոյն սուրբ խորհուրդն, միանգամայն կը թելադրէր, որ ուրիշներ ալ անոնց հետեւին, այսինքն նոյնպէս արասցեն եւ թագաւորի երիցունքն, եւ ձեր եղբայրցն, եւ իշխանացն ( ԿԱԼ. 439): Այդ գործադրութիւնները պիտի սկսէին որեւէ պաշտօնական որոշումէ առաջ, փոփոխութիւնները անզգալաբար կատարեալ իրողութեան վիճակի վերածելու դիտմամբ, յօգուտ գործածելով ակնածութեան, շահադիտութեան եւ շողոքորթութեան անտեղի միջոցները: Այդ կերպերը կը գործածէր նա Կիլիկիոյ մէջ, իսկ անկէ դուրս, Հայաստանի վիճակներուն համար, յատուկ պատգամաւորութիւններ ղրկելու ձեւն էր նախընտրած: Այս պատգամաւորութիւններէն մէկը կը յիշէ Ստեփանոս Օրբելեան, որ իր օրովն էր եղած ( ՕՐԲ. Բ. 196), իսկ ուրիշ երեք պատգամաւորութիւններ ալ Անաւարզեցիին նամակին մէջ կը յիշուին ( ԿԱԼ. 441): Ասոնցմէ առաջինը ղրկած է Բջնեցուն եւ Վարագեցեաց, այսինքն է Այրարատի եւ Վասպուրականի վարդապետներուն, որոնց հաճոյակատարութեան վրայ աւելի վստահութիւն ունեցած պիտի ըլլայ: Միւս տարին դիմած է տէր Յովհաննէսի Առաքելոց եպիսկոպոսի եւ երրորդը ղրկած է Ստեփանոսի յաջորդող, Յովհաննէս Օրպէլին, որ է Սիւնեաց արքեպիսկոպոս, որպէս հոգեւոր իշխան գոլով, նոյնպէս եւ մարմնաւոր, եւ իւր ընկերացն: Անաւարզեցին կ՚ուզէ հաւատացնել թէ ցուցաք զգիրքսն եւ հաստատեցաք ( ԿԱԼ. 441) իբր այն, թէ զանազան գիրքերէն իրեն հաւաքած, կամ լաւ եւս Լատին կրօնաւորներէն իրեն ցոյց տրուած վկայութիւնները, նոյնիսկ բնագիր կամ թարգմանուած գիրքերու վրայ իր պատուիրակներուն ձեռքով պտտցուցած եւ իր խօսքը հաստատած ըլլայ: Սակայն ուրիշ կողմէ մեր ձեռք հասած տեղեկութիւններ, եւ գլխաւորապէս Օրբելեանի պատմութիւնը, կը վկայեն թէ բնաւ ազդեցութիւն չեն ունեցած իր ճիգերը, եւ ընդհակառակն բուռն ընդդիմութիւն շարժած են Արեւելեայց կողմէն: Անաւարզեցիին ղրկած պատգամաւորներուն թուականները ճշդել դիւրին չէ: Օրբելեան Ստեփանոսի ղրկուածը 1297-էն առաջ պէտք է դնել, զի այն տարին փակած է Օրբելեան իր պատմութիւնը ( ՕՐԲ. Բ. 257): Հեթումին գրած նամակին մէջ կ՚ըսէ, թէ Օրբելի յղածը այս տարի էր, Յովհաննէսի անցեալ տարին, եւ Բջնեցիին միւս այլ ամին ( ԿԱԼ. 441), բայց խնդիր է Հեթումին գրուած նամակին թուականը ճշդել, որ նշանակուած չէ: Ոմանք զայն 1306-ին կը դնեն ( ՍԻՍ. 557). մինչ ուրիշներ մինչեւ 1294 կը տանին ( ՉԱՄ. Ե. 291), սակայն հաշիւի առնելով Անաւարզեցիին 1293-ին կաթողիկոսանալը, եւ նամակէն 3 տարի առաջ վերջին պատգամաւորներուն յղուած ըլլալը, յարմար կ՚ըլլայ գոնէ մինչեւ 1304 յետաձգել Անաւարզեցիէն Հեթումին գրուած նամակը:

1208. ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՐՔՈՒՆԻՔԸ

Այս տեղ Անաւարզեցիի ճիգերուն եւ յարաբերութիւններուն շարունակութիւնը չպատմած, պէտք է անցողակի տեղեկութիւններ տալ Կիլիկիոյ քաղաքական գործերուն, եւ արքունիքին ներքին կացութեան վրայ, ժամանակին պայմանները պարզած ըլլալու համար: Հեթում արքունիքէն հեռացած էր 1294-ին, պետական հոգերը յանձնելով Թորոս եղբօրը, եւ ինքն ալ առանձնացած էր Փրանկիսկեանք վանքը, բայց անկէ ալ եւ կրօնաւորական սքեմովն ալ կը հետեւէր երկրին գործերուն, եւ միշտ ուղղիչն էր Թորոսի քաղաքական ձեռնարկներուն, եւ Անաւարզեցիին եկեղեցական ծրագիրներուն 1201): Բայց Հեթումի այդ ընթացքը ամէնուն հաճոյ չէր, իր ազգականներէն եւ արքունի իշխաններէն ալ շատեր լաւ աչքով չէին դիտեր քրձազգեաց թագաւորը` որ օտարասիրութեան մոլեռանդ հետեւող մըն էր, եւ կրօնաւորութիւն ու կառավարութիւն իրարու կը խառնէր: Մինչեւ իսկ անկէ ազատելու համար դաւաճանութեան խորհուրդ մըն ալ կազմուեցաւ, որուն գլուխը գտնուած են Հեթում եւ Օշին, Յովհաննէս Իպլինոսի եւ Հեթում Ա-ի Մարիամ քրոջ որդիներ ( ՍԻՍ. 194): Դաւաճանութիւնը ճնշուած է, բայց Հեթում պարտաւորուած է նորէն վանքէն ելլալ, եւ պաշտօնապէս գործի գլուխ անցնիլ: Նոյն միջոցին Իկոնիոնի սուլտանութեան` Թաթարներու ձեռքով կործանուելուն առթիւ` Հեթում կը ստիպուի Ղազան խանի մօտ երթալ, յարաբերութիւնները ամրապնդելու համար, եւ 1295 հոկտեմբեր 19-ին անոր մօտէն մեկնելով յաջողութեամբ Կիլիկիա կը դառնայ ( ՍԻՍ. 556): Սակայն Թորոս ալ, Հեթումէ ոչ նուազ հեռու էր պետական գործերէ, մանաւանդ իր կնոջ Մարգարիտ Լուսինեանի մեռնելուն վրայ, ուստի համաձայնութեամբ թագաւորութեան խնամակալութիւնը կը յանձնեն իրենց երրորդ եղբօր Սմբատի, եւ միասին ճամբորդութեան կը ձեռնարկեն դէպի Կոստանդնուպոլիս 1296-ին ամառնամիջի ատենները, նպատակ ունենալով ի քոյրն իւրեանց Ռիթայն ի տես երթալ ( ՍՄԲ. 126), բայց եւ միանգամայն Լատիններու եւ Յոյներու հետ միութենական ձգտումները մշակելու համար: Հեթումի հեռանալը քաջալերութիւն կը ներշնչէ թագաւորութեան անկերպարան վիճակէն դժգոհներուն, որոնց փափաքելի էր արքունական փառաւորութիւններ տեսնել, եւ իրենք ալ փառաւորուիլ: Սմբատ ալ տարբեր էր իր եղբայրներուն ախորժակէն, ուստի համամիտ գտնուեցաւ, Հեթումն ու Թորոսը բոլորովին ձեռնթափ նկատելով, յաջորդութեան իրաւունք սեփականեց, եւ խորհրդով կաթողիկոսին եւ իշխանացս, որոշուեցաւ որ թագաւորական օծման արարողութիւնն ալ կատարուի ( ՍԱՄ. 154): Հանդէսին համար նշանակուեցաւ 1299 յունուար 6, Աստուածայայտնութեան տօնին օրը, եւ ժողովեցան թագաւորորդիքն եւ թագաւորազունքն եւ իշխանքն եւ աշխարհաժողով բազմութիւն, եւ սրբագործ կաթողիկոսն Հայոց տէր Գրիգոր` ամենայն եպիսկոպոսօք եւ համագումար ժողովով եւ բոլոր ուխտիւ եկեղեցւոյն, եւ աջով սրբոյ Լուսաւորչին մերոյ Գրիգորի, եւ աստուածային աւետարանաւն, ձեռս ի վերայ եդեալ աւանդեաց նմա զաստիճան եւ զօծումն թագաւորութեան ( ՍԻՍ. 225): Դիտելու արժանի է Աջին յիշատակութիւնը, որ անոր գերութենէ դարձած ըլլալը կը հաստատէ 1198):

1209. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԵՒ ԹԱԳԱՒՈՐ

Զարմացման արժանի է Անաւարզեցիի ընթացքը Հեթումի հանդէպ, որուն հետ այնչափ սրտակցութեամբ կապուած էր, եւ որուն պաշտպանութեամբ իր լատինամոլ ծրագիրին գործադրութեան կ՚աշխատէր: Հեթում բացարձակ հրաժարականով թագաւորութենէ չէր քաշուած, եւ Սմբատին յաջորդութեան իրաւունքը չէր տուած, որպէսզի Հայ թագաւորութեան եւ Հայ եկեղեցւոյն վրայ ազդեցութիւն բանեցնելէ զրկուած չըլլար, եւ Սմբատը պարզ խնամակալ նշանակած էր, ինչպէս երբեմն եղած էր Թորոսը 1201): Ասոր հակառակ Գրիգոր` իր խորհրդով կը քաջալերէ Սմբատը, որ թագաւորութիւնը իւրացնէ, եւ գլուխ կը կանգնի Հեթումէ դժգոհ մնացող խումբին եւ Սիսի Ս. Սոփիա հայրապետանիստ տաճարին մէջ մեծաշուք շքեղութեամբ Սմբատը թագաւոր կ՚օծէ, երբ Հեթում եւ Թորոս բանէ մը տեղեկութիւն չունէին: Պէտք է ուրեմն հետեւցնել, թէ Սմբատ Հեթումէ աւելի վստահութիւն ներշնչած է Անաւարզեցիին վրայ, թէ պիտի օժանդակէ անոր ծրագիրներուն. եւ Անաւարզեցին ալ իրեն աւելի նպաստաւոր տեսած է պսակեալ եւ օծեալ եւ ազգէն հովանաւորեալ թագաւորի մը օժանդակութիւնը, քան կրօնաւորութեամբը իշխանութիւնը լքանող, եւ իշխանութեամբը կրօնաւորութիւնը խանգարող թագաւորի մը գործակցութիւնը: Այս մեր տեսութեան հաստատութիւնը կը գտնէինք հարկաւ` Անաւարզեցիին Սմբատի գրած զկրօնական խնդրոց թուղթին մէջ ( ՍԻՍ. 556), եթէ պատճէնը ունենայինք: Սմբատ առիթ առնելով Եգիպտացիներուն Ասորիքի մէջ նոր խլրտումներէն, ուղղակի ալ դիմումներ կ՚ընէ Վոնիփակիոս Ը պապին, այն որ ճարտար մեքենայութիւններով կրցեր էր ահացնել Կեղեստինոս Ե անապատական պապը 1186), եւ զայն հրաժարելու ստիպելով ինքն գրաւել պապական աթոռը 1294 դեկտեմբեր 24-ին: Միեւնոյն առթիւ կը գրէր Անգղիոյ Եդուարդ Ա թագաւորին, եւ այս կերպով կ՚ուզէր իր իշխանութիւնը ճանչցնել տալ Եւրոպիոյ իշխանաւորներուն: Կաթողիկոսի եւ թագաւորի համամտութեան եւ լատինամոլ ընթացքին իբրեւ նշան պիտի յիշենք Սմբատ իշխանի մը ամուսնութեան պարագան, որուն Ստեփանոս կաթողիկոս ներած էր երրորդ աստիճանի ազգակցին հետ պսակուիլ 1190): Այս Սմբատ, որ Մամեստիոյ գաւառին Բօթա կամ Բովդա բերդին իշխան կոչուած է ( ԿԱԼ. 412), եւ ուրիշ կողմէ մեզի ծանօթ չէ, շուրջ 10 տարի առաջ պսակուած եւ զաւակներու ալ տէր եղած էր, այլ Գրիգոր ու Սմբատ իրեն կը համոզեն, թէ Հայոց կաթողիկոսը չէր կրնար այդ ամուսնութեան արտօնութիւնը տալ, թէ իր պսակը ոչինչ է, թէ ինքն ապօրէն կենակցութեան մէջ կը գտնուի, թէ զաւակները պոռնկորդիներ են, եւ թէ պէտք է պապին դիմէ, որպէս զի անոր իշխանութեամբ օրինաւոր ամուսնութեան արտօնութիւն ստանայ: Խեղճ Սմբատ իշխան կը պարտաւորուի այդ դիմումն ընել, քանի որ իր ազգին կրկին իշխանաւորն ալ չէին ուզեր իր օրինաւոր պսակը ճանչնալ:     

1210. ՍՄԲԱՏ ԹԱԳԱՒՈՐ

Հեթում ու Թորոս հազիւ թէ Սմբատի թագաւոր օծուիլը կը լսեն, կը փութան Կիլիկիա դառնալ, բայց Սմբատայ երես շրջեալ, ոչ եթող զնոսա ի տունն իւրեանց հայրենի, որով պարտաւորուեցան նորէն Կիլիկիայէ հեռանալ, ու դարձան անդրէն առ կայսրն Անդրոնիկոս Բ Պալէոլոգ, եւ խնամիէն օգնութիւն խնդրեցին: Սմբատ օգտուեցաւ անոնց հեռանալէն, եւ դիմեց ի Թաթարն, այսինքն Ղազան խանին, բազում գանձիւք, որ Հայոց հետ ունեցած բարեկամութիւնը` իր վրայ դարձնէ, եւ մինչեւ իսկ ի ղանի ազգէն, կամ ըստ այլոց ի ղանի ազգայնոց կին մըն ալ առաւ: Երբոր Սմբատ Ղազանէ կը դառնար, ու ի սահմանս Կեսարիոյ հասած էր, հանդիպեցան նմա երկու եղբարքն իւր Հեթում ու Թորոս, որոնք Անդրոնիկոսէ առեալ ոսկի բազում Ղազան խանին կը դիմէին: Սմբատ թագաւորական հետեւորդներով կու գար, ուստի եղբայրներուն դէմ ելաւ բռնութեամբ, եւ կալեալ զնոսա, եւ տարեալ եդ ի բանտի ի Բարձրբերդ: Բայց ձերբակալելով ու բանտարկելով ալ զինքն ապահով չզգաց, ու յետ սակաւ աւուրց, խորհրդով նենգաւոր իշխանացն, եսպան զեղբայրն իւր զԹորոս, եւ եհան զաչս Հեթմին ( ՍԱՄ. 154), եւ փակեց զայն Բարձրբերդի մօտ Մոլեւոնի բերդը ( ՍՄԲ. 127): Սմբատի եղբայրասպանութեան թուական կը ցուցուի 1288 յուլիս 23 օրը ( ՍԻՍ. 596): Այդ եղելութեան մէջ մեր գլխաւոր գիտելիքը Անաւարզեցիին գայթ ի գայթ ընթացքն է, որ եթէ ոչ խորհրդակցութեամբ, գոնէ անորակելի լռութեամբ կը քաջալերէ Սմբատի անօրէն գործերը: Սմբատ թագաւորութիւնը յափշտակած ատեն խորհրդով կաթողիկոսին եւ իշխանաց գործած էր, եւ միեւնոյն գործին շարունակութիւնն էր եղբայրներուն դէմ բռնութիւնն ալ, որ թէպէտ լոկ խորհրդով իշխանաց կատարուած կ՚ըսուի, եւ կաթողիկոսին անունը նորէն չտրուիր, բայց եւ ոչ դէմ դրած կամ բողոքած ըլլալը կը յիշուի, մանաւանդ թէ կը շարունակէ Սմբատի թագաւորութիւնը հովանաւորել: Վոնիփակիոս պապն ալ շատ հոգածու չերեւիր կատարուած գործողութեանց մասին, գոհանալով, անշուշտ, որ իրեն անձնուէր մէկ մը ըլլայ Հայոց գահին վրայ, ով ալ ըլլայ գահակալը: Ըստ այսմ 1298 հոկտեմբեր 5 թուականով, նամակ մը կը գրէ առ Սմբատ, առ սիրելի որդիդ մեր ի Քրիստոս, գոհունակութիւն յայտնելով անոր, թէ որպէս հնազանդութեան որդի` սիրես եւ պատուես զմայրս քոյ զսուրբ եկեղեցիս Հռոմայ ( ԿԱԼ. 421), իսկ խնդրուած օգնութեան մասին կը բաւականանայ յորդորել, որ քաջապէս համբերեսցես հակառակութեանց մինչեւ եկեսցէ դիպուկ ժամանակն օգնութեան ( ԿԱԼ. 422): Միեւնոյն ատեն հոկտեմբեր 26 թուականով կը գրէ Գրիգոր կաթողիկոսին ալ, բնաւ յիշատակութիւն չընելով Սմբատի եղբայրասպան ձեռնարկին նկատմամբ, եւ բաւականանալով անոր ալ յորդոր կարդալ, թէ զօրասցի սիրտն քո ի Տէր, համբեր եւ պահեա զճանապարհս Տեառն, մինչեւ քեզ եւ եկեղեցւոյդ եւ թագաւորութեան Հայոց հասանիցէ ժամանակ օգնութեան ( ԿԱԼ. 424):

1211. ԱՄՈՒՍՆԱԿԱՆ ԽՆԴԻՐ ՄԸ

Այս գիրերուն հետ ղրկուած է նաեւ առ Սմբատ ի Բովդայ եւ առ Իսաբելա կամ Զապէլ անոր ամուսինը` հոկտեմբեր 11-ին գրուած նամակ մը, որով օրինաւոր կը ճանչցուի եւ կը վաւերացուի անոնց ամուսնութիւնը 1209), բայց այնպիսի խրոխտ եւ Հայոց հայրապետութեան համար ստորնացուցիչ խօսքերով, որ հնար չէ նկատողութենէ վրիպեցնել: Վոնիփուկիոս կը համարձակի յայտարարել, թէ սուրբ աթոռս Հռոմայ միայն` հաստատեաց զաթոռս այլոց պատրիարքաց եւ մետրոպոլիտաց եւ եպիսկոպոսաց, եւ կը յաւելու, թէ զայս մանաւանդ դաւանեաց ի յետին աւուրս ձեր կաթողիկոսն Գրիգոր: Սմբատի եւ Զապէլի ամուսնութեան վրայ խօսելով կը յայտարարէ, թէ թէպէտ ամուսնացեալ էիք հրամանաւ տէր Ստեփանոս կաթողիկոսին Հայոց, սակայն այն հրաման ունայն եղեւ, զի տուեալ էր ի նմանէ, որ ոչ ունէր զիշխանութիւն պատշաճաւոր վասն այնր: Ուստի կը յաւելու, թէ նախասացեալ տէր Ստեփանոս, ոչ թէ օրինաւոր հրամայող իցէ, այլ առաւել խաբող. եւ ըստ այսմ մասին աւերող զօրութեան կանոնաց: Այդ յայտարարութեան իբր կնիք կը ներէ, որ Սմբատի եւ Զապէլի ամուսնութիւնը եւ զաւակները օրինաւոր համարուին, ի խնդրոյ եւ յաղաչանաց արքային Հայոց, որ է եղբայրասպան Սմբատը ( ԿԱԼ. 412-416): Վոնիփակիոս Ը նշանաւոր է պապերուն շարքին մէջ, իր բուռն եւ անկոպար յոխորտանքովը, վերանորոգելով Գրիգոր Է-ի եւ Իննովկենտիոս Գ-ի խիզախ ընթացքները, որոնք ոչ թէ լոկ պատրիարքութեանց, այլ եւ թագաւորութեանց եւ կայսրութեանց բացարձակ տէր եւ տիրապէտ կը կարծէին պապութիւնը: Վոնիփակիոս այդ յաւակնութիւնները կը զօրացնէր հաւատաքննութեան ատեններով եւ նզովքներու շանթերով:

1212. ԿՈՍՏԱՆԴԻՆ ՈՒ ՍՄԲԱՏ

Սմբատ կը կարծէր, որ Թորոսը մեռցնելով եւ Հեթումը կուրացնելով ու բանտարկելով, ինքն ազատօրէն տէր կը մնայ թագաւորական գահին, սակայն իր ակնկալութիւնը չարդարացաւ: Իրեն դէմ ելաւ Կոստանդին Կապանի իշխան եւ Լեւոն Գ-ի որդիներուն չորրորդը, կողմնակիցներ գտաւ եւ ժողովեալ զօրս բազումս Սմբատի վրայ յարձակեցաւ, որ պարտաւորուեցաւ տեղի տալ ու փախչիլ ի Հոռոմս: Բայց առժամեայ եղած է յունական կայսրութեան սահմանները ապաւինիլը, որովհետեւ քիչ ետքը կրցաւ Կոստանդին զայն ձերբակալել, եւ կալեալ զՍմբատն եդ ի բանտի ի նմին ( ՍԱՄ. 154), այսինք է, նոյն այն Մոլեւոնի բերդին մէջ, ուստից եհան զաւագ եղբայրն իւր Հեթում ( ՍՄԲ. 127): Այսպէս Լեւոն Գ-ի զաւակները իրարու դէմ կը մրցէին, եւ իրարու վրայ կը բռնանային թագաւորական իշխանութեան համար: Հեթում կոյր կրօնաւորը` իշխանութիւնը ձեռք առնելու յարմար չէր, ուստի հրամանաւ նորա ինքն Կոստանդին թագաւորեաց ( ՍՄԲ. 127), սակայն թագաւոր օծուելուն յիշատակութիւն չունինք, ուստի աւելի ճիշդ կ՚երեւի կեցեալ պարոն Կիլիկիոյ բացատրութիւնը, որ Կոստանդինի կը տրուի, մինչ Սմբատի թագաւոր անունը տրուած է միշտ ( ՍԱՄ. 154): Թէպէտ եւ Սմբատի համար ամ մի թագաւոր եղած կը գրուի ( ՍԱՄ. 154), սակայն ժամանակագրութիւնը աւելի երկար տեւողութիւն կը պահանջէ, զի 1296-ին էր իր խնամակալ անուանուիլը, եւ 1298-ին սկիզբը թագաւոր օծուիլը 1208), եւ 1299 տարւոյ սկսելէն կանուխ հնար չէ դնել իր գահընկեցութիւնը, որով գոնէ երկուքուկէս տարի իշխանութիւն վարած պէտք է ըսենք: Կոստանդինի իշխանութիւնն ալ տարի մի ըսուած է ( ՍԱՄ. 154), մինչ ուրիշ պատմիչ մը միայն սակաւ աւուրց տեւողութիւն կը նշանակէ ( ՍՄԲ. 127): Ամէն առթի մէջ Կոստանդինի ալ գահընկէցութիւնը պէտք է 1299-ին վերջերը դնել: Այս կուսակցական ձգտումները, որոնք կը տիրէին այս միջոցին Հայերուն մէջ, եւ այն գայթակղալից երկպառակութիւնը` որով վարակուած էին Լեւոն Գ-ի որդիները, Կոստանդինն ալ հանդարտ չթողուցին իր իշխանութեան մէջ, թէպէտ եւ որոշ ակնարկ մը չունինք անոր լաւ կամ վատ գործերուն կամ կառավարութեան վրայ: Երկու եղբայրներն ալ, Հեթում եւ Սմբատ ազդեցիկ եւ կարող բարեկամներ ունէին հարկաւ` որ անգործ չէին, երբ անակնկալ պարագայ մը նոր զարկ տուաւ ձգտումներուն, եւ այս եղաւ երբ Հեթում վերստին էառ զտեսութիւն շրնորհօքն Աստուծոյ եւ սքանչելաբար ( ԿԱԼ. 425): Հեթումի կուրութեան բժշկութիւնը անհնար եղած պիտի ըլլար, եթէ բառացի իմանայինք Սմբատին համար եհան զաչս Հեթմին գրուածը ( ՍԱՄ. 154), այլ շուտով կը մեկնուի, երբոր դիտենք, որ միայն ետ զպարոն Հեթմոյ աչքն խարել ( ՍՄԲ. 127), որ ժամանակով եւ խնամքով կրնար բժշկուիլ, մանաւանդ եթէ խարելու գործողութիւնը թեթեւակի կատարուած էր, եւ Հեթումի բժշկութիւնն ալ քիչ շատ տեսնելու չափ բան մըն էր միայն, այն ալ միայն մէկ աչքին վրայ, որուն համար Միականի մակդիր անունը տրուած է Հեթումի ( ԴԱՐ. 24):

1213. ՀԵԹՈՒՄԻ ՆԿԱՐԱԳԻՐԸ

Բոլորովին տարօրինակ, եւ գրեթէ անմեկնելի նկարագիր մը կը ներկայանայ Հեթում Բ, որ ոչ վանական փափաքէն կը հեռանայ, ոչ կրօնաւորական կոչումէն կը հրաժարի, ոչ ալ Փրանկիսկեան սքեմը կը թողու, եւ միշտ ալ զինուորական եւ պետական հոգերով կը զբաղի, ոչ զէնքը կը թողու եւ ոչ ալ արքունի մականը, ոչ թագաւորութենէն ձեռք կը քաշէ, եւ ոչ կատարելապէս եւ տիրապէս կը վարէ զայն: Տարօրինակ է Փրանկիսկեան միաբանութեան եւ Հռոմէական պապութեան ալ ընթացքը, որոնց սկզբունքին համեմատ` կրօնաւորի մը աշխարհի հոգերէն պարտ է քաշուիլ, եւ ամէն վանականի պարտ է իր վանաբնակ կենցաղը չլքանել: Ասոր հակառակ Փրանկիսկեան կրօնաւոր Եղբայր Յովհաննէսը, երբեք Հեթում թագաւոր ըլլալը ձեռքէ չի ձգեր, եւ կարծես թէ աչքին կուրութիւնը եւ Մոլեւոնի բանտարկութիւնը աւելի սրած են իր թագաւորական ախորժակը, որ հազիւ թէ աչքի տեսութիւնը քիչ մը կը բարւոքի, գլուխ կը կանգնի Կոստանդինի դէմ ելլող խմբակին, եղբայրը կը զրկէ իշխանութենէն, եւ ձեռք կ՚առնէ նորէն թագաւորութիւնը առանց սքեմը թողլու: Իր ապահովութեան համար Սմբատն ալ, Կոստանդինն ալ եհան յերկրէ իւրմէ ( ՍՄԲ. 127), եւ առաքեաց յաքսորս առ կայսրն ի Կոստանդնուպոլիս ( ՍԱՄ. 154) ընդ հաւատարիմ պահպանութեամբ, աղաչելով զնա, զի մի տացէ շրջել զնոսա ( ԿԱԼ. 425): Անաւարզեցին անտարբեր կերպով կը համակերպի այդ ամէն փոփոխութեանց, կարծես թէ ինքն ուրիշ կամք չունի, բայց եթէ քաղաքական իշխանութեան գլուխը իր ծրագիրին համակրող կամ օժանդակող անձ մը ունենալ, բոլորովին անտարբեր մնալով, որ Հեթում ըլլայ այն կամ Թորոս, Սմբատ կամ Կոստանդին: Հեթում իշխանութիւնը ձեռք առած ատեն, խաղաղութիւնն ալ խանգարուած կը գտնէ արտաքիններէն: Եգիպտացիք նորէն սկսած էին Ասորիքի մէջ արշաւանքներ ընել, տիրապետութիւննին ընդարձակելու համար, Թաթարներն ալ անոնց դէմ կ՚ելլէին, Հայերն ալ կը պարտաւորուէին պատերազմին խառնուիլ, իբր դաշնագիր նիզակակիցներ: Եդեսիոյ ճակատամարտին մէջ 1299 դեկտեմբեր 25-ին եւ Սէլահիէի պատերազմին մէջ 1300 յունուար 9-ին, Հեթում ալ Հայ գունդերով Թաթարներուն կ՚օգնէր, եւ Եգիպտացիները հալածելով մինչեւ Երուսաղէմ կը հասնէր, եւ առիթէն օգտուելով ուխտ մըն ալ կը կատարէր Քրիստոսի գերեզմանին, եւ փետրուար 3-ին Երուսաղէմէ կը մեկնէր Կիլիկիա դառնալու, վասն զի Թաթարաց խանն ալ կատարած յաղթութեամբը բաւականացած, ետ կը դառնար իր երկիրը ( ՍԻՍ. 557): Եգիպտացիներուն ընկրկելովը եւ Թաթարներու յաղթութեամբը, Կիլիկիոյ կացութիւնը ապահովուած կրնար ըսուիլ. Իկոնիոնի սուլտանութիւնն ալ քայքայուած էր արդէն, եւ զայն նորոգելու աշխատող Ալայէտտինը` Հեթումի ձեռք կ՚իյնար, որ զայն Ղազան խանին կը զրկէր, եւ այսպէս այս կողմէն ալ վտանգը փարատած կ՚ըլլար ( ՍԻՍ. 557):

1214. ԼԵՒՈՆ Դ. ԹԱԳԱՒՈՐ

Հեթում կրօնաւոր-թագաւորը իր պարտքը լրացուցած կը կարծէ, ներքին եւ արտաքին դժուարութեանց վերջ տրուած ըլլալով, եւ կը մտածէ նորէն վանք քաշուիլ, եւ գոնէ արտաքնապէս պետական գործերէ ձեռք քաշել: Արտաքնապէս կ՚ըսենք, զի եթէ տիրապէս անզբաղ մնալու միտք ունէր, պէտք էր կարող եւ գործունեայ անձ մը նշանակել պետութեան գլուխը, եւ բնական կարգով իր եղբայրներէն մէկուն կ՚իյնար արքունական իշխանութիւնը: Եթէ Սմբատ եւ Կոստանդին աքսորուած էին, կային տակաւին Ալինախ եւ Օշին, չուզելով Ներսէսն ալ հաշիւի առնել, քանի որ քահանայացած էր արդէն, եւ թերեւս ալ արդէն հիւանդագին: Հեթում ետ կը թողու իր եղբայրները, եւ սպանուած Թորոս եղբօր որդին, 12 տարեկան Լեւոնը թագաւոր հռչակել կու տայ 1301 տարւոյ սկիզբները, հանդիսական արարողութեամբ եւ օծմամբ: Այդ պարագաները կ՚ապացուցանեն, թէ Հեթում պետական գործերը ձեռքէ հանելու դիտումը չունէր, եւ վանք քաշուիլն ալ արտաքնապէս կազմակերպուած գործ մըն էր: Նոյն առիթով մանուկ թագաւորին ամուսնութիւնն ալ կը կատարուի, եւ Լեւոն կը պսակուի հօրաքրոջ կողմէ ազգական Ագնէսի հետ, որ Ամաւրի Լուսինեանի եւ Զապլունի դուստրն էր 1201), եւ հազիւ 7 տարեկան կրնար եղած ըլլալ: Պատմութիւնը չի լուսաբաներ, թէ կաթողիկոսն էր արդեօք, որ չորրորդ աստիճանի ազգակիցին եւ անչափահաս աղջկան հետ պսակուիլը կը ներէր, թէ ոչ պապական արտօնութեան կը դիմէին, Սմբատ Բովդացւոյն բախտակից չըլլալու համար 1211): Երբոր որեւէ կերպով Հայ թագաւորազուններուն ներքին երկպառակութիւնները կը հանդարտէին, արտաքին խաղաղութիւնն ալ կ՚ապահովուէր, եւ նոյնիսկ Թաթարներու եւ Եգիպտացիներու մէջ հաշտութեան բանակցութիւններ կը սկսէին 1301 օգոստոսին ( ՍԻՍ. 557), Անաւարզեցին ձեռք կ՚առնէր վերստին իր լատինամիտ փոփոխութեանց ծրագիրը, մանաւանդ որ քաղաքական ազդեցութիւնը նորէն ամբողջապէս լատին կրօնաւոր Հեթումի ձեռքն էր անցած: Այդ տեսութեամբ պէտք է սոյն միջոցին դնել այն վերջին պատգամաւորութիւնները, զորս երեք տարի յաջորդաբար ղրկեց Հայաստան, իր ծրագիրը անոնց ընդունելի ընել տալու համար 1207), եւ հաւանաբար 1302-էն ետքը կատարուած կ՚ըլլան անոնք ( ԿԱԼ. 441):

1215. ԱՆԱՒԱՐԶԵՑԻՆ ԵՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՅՔ

Նորէն մեր մտադրութիւնը Անաւարզեցիին ծրագիրին վրայ դարձնելով, եւ այդ մասին տեղի ունեցած եղելութիւնները իրարու մօտեցնելով, նախ պիտի խօսինք այն առաջին պատգամաւորութեան վրայ 1207), որուն մանրամասնութիւնները Օրբելեան ինքն կու տայ մեզի, եւ որոնք շատ հետաքրքրական են Անաւարզեցիին ընթացքը լուսաբանելու համար: Շատոնց էր, կը գրէ Օրբելեան, որ այլընդայլոյ լուրեր կը հասնէին Կիլիկիայէ, եւ կաթողիկոսին անկարգ արարուածոց բազմաց վրայ կը խօսուէր, թէ ճրագալոյցները յեղ եւ ի թան լուծելու կ՚արգելէր, նաւակատիքները կը խափանէր, հիւանդաց եւ երախայից ձէթեր կ՚օրհնէր, եւ կ՚ուզէր առ սակաւ սակաւ զամենայն աւանդութիւնս Հոռոմոց եկեղեցւոյ սպրդեալ մուծանել ի մերս եկեղեցի, եւ ի մերոցս ի բաց քեցել մի մի: Օտար եկեղեցիներու հետ բանակցութեան ալ կը մտնէր, կ՚ըսէ, եւ խոստանայր յանձն առնուլ զոր ինչ եւ խնդրեսցեն, եւ յանձնառական միաբանութեան թուղթեր ալ կը գրէր, զոր մեք իսկ տեսաք: Ասոնք կը լսէինք, կը գրէ, սակայն կաթողիկոսը մեզ Արեւելից կողմանցս ոչինչ ի վեր բերեալ ծանուցանէր, եւ հարցում եղած ատեն կը բաւականար ըսել, թէ վասն նուազեալ ժամանակիս կամիմք զմիաբանութիւն Հոռոմոց ընդ մեզ եւ զամենայն ազգաց, եւ իբր խայծ կը ցուցնէր, թէ խնդրեմք զաթոռն Անտիոքայ մեզ լինել ( ՕՐԲ. Բ. 195): Անաւարզեցիին այդ ընթացքը պէտք է պատշաճեցնել իր ընտրութենէն ետքը անցնող առաջին տարիներուն, որոնց մէջ իր մտադրութիւնը ծածկած էր Արեւելեայներէն, եւ Հոռոմի ու Հռոմի շփոթութիւնն ալ դիտմամբ կը մշակէր միտքերը ցրուելու համար: Բայց երբ իր գործունէութեան աւելի ոյժ եւ ընդարձակութիւն տալու ձեռնարկեց, գործին իսկութիւնը սկսաւ մէջ տեղ ելլել, այնպէս որ յեկելոցն հոտ դառնադաժան մաղձիցն երեւեալ լինէր ի տեղիս: Օրբելեան կ՚աւելցնէ, թէ ոմանք եւս ի մերոյ աշխարհէս հաճեալ հաւանեցան, եւ սկսան եպերել զնախնիսն մեր, եւ առնել նորաձեւութիւնս եւ այլաձեւութիւնս ( ՕՐԲ. Բ. 196): Օրբելեանի սիրտը կը սկսի բորբոքիլ, որպէս զի ախոյեան կանգնի ընդդէմ կալ հոգեւոր մարտին: Հանապազ, կը գրէ, աղեցաւ եւ լերդախոց լինելով, հալեալ մաշեաք ծփական խորհրդովք, սակայն չէր համարձակեր նախայարձակ լինել, եւ Հայաստանի ու Կիլիկիոյ Հայութեանց մէջ հակառակութիւն գրգռել: Ժամանակը փափուկ էր, Հայութիւնը պառակտեալ, եւ ազգային կեանքին վերջին ապաւէնն եղող Կիլիկիոյ թագաւորութիւնն ալ վտանգի ենթարկուած, որուն դէմ նոր դժուարութիւններ հանել, կրնար վտանգը սաստկացնել: Երկնչեաք, կ՚ըսէ, եթէ յաւուրս մեր զարթնու չարն ի պատերազմ ընդ եկեղեցւոյ, եւ յարուցանէ մրրիկ խռովութեան ի մէջ մեր, եւ ընթադրեալ կործանէ զսինլիքոր մնացուած ազգիս ( ՕՐԲ. Բ. 196): Խոհական ազգասիրութեան արդիւնք էին Օրբելեանի այդ զգացումները, որ իր եկեղեցասիրութեան բորբոքն ալ կը զսպէր, որպէս զի չըլլայ թէ կործանէ զսինլիքոր մնացուած ազգիս, այսինքն, Տաւրոսի վրայ ամփոփուած փոքրիկ թագաւորութիւնը, որ Թաթարաց եւ Եգիպտացւոց, Յունաց եւ Լատինաց ձեռք խաղալիք դարձած էր, չկարենալով իսկ որոշ եւ յատուկ քաղաքականութեան հետեւիլ:

1216. ԿՈՍՏԱՆԴԻՆ ԿԵՍԱՐԱՑԻ

Երբոր Օրբելեան այս ընդդիմամարտ մտածմունքներով կը յուզուէր, եւ ահա Սիւնիք կը հասնի, Անաւարզեցիէն ղրկուած պատգամաւորը, որուն անունն ալ յայտնի է, Կոստանդին եպիսկոպոս Կեսարու ( ՕՐԲ. Բ. 196): Այս պատգամաւորութեան թուականը ի դէպ է դնել 1297-ին ատենները երբոր Սմբատ տիրապետած էր պետութեան, եւ համեմատաբար հանդարտ կացութիւն մը կը տիրէր: Իսկ պատգամաւորութեան նպատակին չանցած, պատգամաւորին անձին վրայ պէտք է դարձնենք մեր մտադրութիւնը, որովհետեւ ընդարձակ գործունէութեան գլուխ պիտի տեսնենք այսուհետեւ Կոստանդին Կեսարացին: Սա բոլորովին նոր անձ մըն է, որ հրապարակի վրայ կը սկսի երեւիլ, եւ որ ըստ ամենայնի համամիտ եւ համաձայն Անաւարզեցիի նպատակին, անոր աջ բազուկը կը դառնայ լատինամիտ ծրագիրը գործադրելու համար: Ըստ այսմ անհաւանական չլինիր կարծել, թէ միեւնոյն Կոստանդին Կեսարացին շարունակած է ներքին գաւառները տարուէ տարի պատգամաւորական ուղեւորութիւն կատարելու պաշտօնը: Իրեն այդ դիրքը ու այդ գործունէութիւնը նոր փաստ մըն է մեզի, հերքելու Անեցւոյն շարունակողէն ծագում առած թիւրիմացութիւնը, որ Կատուկեցի գահընկէց կաթողիկոսը նոյնացուցած է Կեսարիոյ եպիսկոպոսին հետ ( ՍԱՄ. 152), թերեւս անոնց համանուն ըլլալէն խաբուելով: Կատուկեցին կանուխէն Խորին վանքի վանահայրն էր, եւ բանտարկութենէն ետքը Սկեւռայ վանքի առաջնորդն եղաւ 1199), եւ Կեսարիոյ եպիսկոպոս բնաւ չեղաւ: Արդէն ալ Կատուկեցին երիտասարդ մը չէր կաթողիկոս ընտրուած ատեն 1286-ին, Հեթումի եւ Անաւարզեցիի վստահութիւնը չվայելելուն համար գահընկեց եղաւ 1289-ին, չորս տարի բանտարկութենէ ետքը` իբրեւ շնորհք մը Սկեւռայ վանքին առաջնորդութիւնը ստացաւ 1293-ին: Տարիքը առած, նեղութիւն քաշած ու տկարացած անձ մը, որ եկեղեցական եւ քաղաքական իշխանաւորներուն վստահութիւնն ալ չէր գրաւէր, երբեք չպիտի կարենար աշխատալի պատգամաւորութիւն մը կատարել, նմանապէս անվստահութեան պատճառով գահընկէց եղողին` չպիտի կարենար յանձնուիլ Անաւարզեցիին ծրագիրին պաշտպանն ու տարածողը ըլլալ: Աւելցնենք եւս, որ Կատուկեցին Օրբելեանի անծանօթ մէկը չէր, իր ձեռնադրողն էր, եւ գահընկեց կաթողիկոսին հանդէպ միշտ սէր ու պատկառանք պահած էր: Եթէ նոյն Կատուկեցին ըլլար, որ իբր Անաւարզեցիի պատգամաւոր Օրբելեանին կը ներկայանար, նա չպիտի կարենար չճանչնալ, եւ առանց դիտողութեան ու առանց ակնարկի` Կոստանդին եպիսկոպոս Կեսարու անունով զայն յիշել, մինչ Օրբելեան առանց բառ մը կամ բացատրութիւն մը աւելցնելու Կոստանդինի անունը կու տայ, եւ ոչ ալ կը մեղադրէ իր հոգեւոր ծնողը, եթէ իրեն դէմ զինուած կու գար, զինքն իր միտքէն ետ դարձնելու: Կարծենք թէ ուրիշ պատճառաբանութեան պէտք չի մնար այլեւս, վճռապէս ընդունելու թէ Կոստանդին Կատուկեցի եւ Կոստանդին Կեսարացի, տարբեր անձնաւորութիւններ են, եւ զանոնք շփոթելը պարզ թիւրիմացութիւն մըն է: Զարմանալի ալ է` թէ ինչպէս նոր պատմագիրներ առանց մտադրութեան ընդգրկած են անանունի մը շփոթութենէ ծագում առած թիւրիմացութիւնը:

1217. ՍԻՒՆԵՑՒՈՑ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Հարկաւ Կեսարացին ձեռքը պաշտօնական ծրագիր մըն ալ ունէր` որով պիտի ներկայանար Սիւնեաց եպիսկոպոսներուն, եւ պարունակուած առաջարկները բերանացի պիտի պաշտպանէր: Հնար չէր որ Անաւարզեցին իր հաւաքած վկայութիւնները 1204), եւ կարծեցեալ փաստերը, որոնց այնչափ կարեւորութիւն կու տար, պաշտօնական գրութեամբ մը չհաղորդէր Արեւելեայց: Այսու հանդերձ ոչ գիրի մը պատճէնն ունինք, եւ ոչ իսկ Օրբելեան գրուածի մը յիշատակութիւնը կ՚ընէ, թէպէտ զանազան խնդիրներ հետզհետէ առջեւ կը բերէ, գրութենէ մը քաղելու ձեւով: Օրբելեան պէտք սեպեց խորհրդակցութեան գումարել ներկայ եւ մերձաւոր կարեւոր անձերը, որպէս զի ոչ իր կողմէն անհատապէս, այլ խորհրդով եպիսկոպոսաց աշխարհիս եւ իշխանաց պատասխանուած ըլլայ կաթողիկոսին: Հաւաքուած անձանց եւ ժողովական գործոց որոշ յիշատակներ չեն պատմուած, միայն կաթողիկոսին ուղղուած նամակին ներքեւ քանի մը ստորագրողներու անունները ունինք, որոնք եթէ ոչ ժողովականաց ամբողջութիւնը, գոնէ գլխաւորները եղած են: Ասոնք են. 1. Ինքն Ստեփանոս Օրբելեան` Սիւնեաց մետրապոլիտը, 2. Տէր Սարգիս եւ 3. Տէր Գրիգոր ի նոյն վիճակէ, որոնք պէտք է Տաթեւի եպիսկոպոսներ եղած ըլլան, 4. Տէր Յովհաննէս աթոռակալ Բջնոյ, 5. Գրիգոր Բջնեցի, հրամանատար այսմ աթոռոյ, որ կ՚երեւի Բջնոյ ուսուցիչ վարդապետն էր, 6. Տէր Յովհաննէս եպիսկոպոս Հաղբատայ, 7. Տէր Մխիթար Հաւուցթառայ եպիսկոպոս, 8. Տէր Մարգարէ` եղբօրորդի Վահական վարդապետին, 9. Տէր Սարկաւագ` եպիսկոպոս Գողթան, 10. Եսայի բանասէր վարժապետ, որ է նոյն ինքն Նչեցին, 11. Դաւիթ վարդապետ Հայաստանս եկեղեցւոյ, որ իբր Այրարատցի կը մեկնուի: Այս տասնեւմէկ եկեղեցականներէն զատ ստորագրեցին նաեւ չորս մեծ իշխաններ, Ելիկում Օրբելեան` Տարսայիճի որդին, Լիպարիտ Օրբելեան` Իւանէի որդին, եւ Պապաք ու Էաչի Պռօշեան Հասանի որդիք ( ՕՐԲ. Բ. 208-210): Ամէնքը միաձայն որոշեցին բացարձակապէս մերժել Անաւարզեցիէն առաջարկուած որեւէ նորութիւն, անփոփոխ պահել հնաւանդ դաւանութիւնն ու արարողութիւնները, պարտուպատշաճ կերպով իրենց որոշումը հաղորդել կաթողիկոսին, եւ Ստեփանոսի յանձնեցին թուղթին պատրաստութիւնը: Ընդգրկեցին նաեւ այն տեսութիւնները, զորս Օրբելեան կանխաւ նկատողութեան առած էր, այն է ընդդիմութիւնը չտանիլ մինչեւ կաթողիկոսը չճանչնալու կամ Կիլիկեցիներէ բաժնուելու կէտը, որպէս զի ազգին մէջ պառակտում չիյնայ, կամ ինչպէս Օրբելեան կը մտածէր, որպէս զի չըլլայ թէ խռովութիւնը ընթադրեալ կործանէ զսինլիքոր մնացուած ազգիս 1215):

1218. ՕՐԲԵԼԵԱՆԻ ՆԱՄԱԿԸ

Օրբելեանէ ամբողջապէս յառաջ բերուած է օրինակ նամակին ( ՕՐԲ. Բ. 197-215), որ Անաւարզեցիին յղուեցաւ, եւ կ՚արժէ զայն վերլուծել իբրեւ կարեւոր գրուած մը: Սկիզբը Հայ եկեղեցւոյ փառաւորութեան բարեմաղթանքներ կան, իսկ կաթողիկոսին համար յարգանաց եւ մեծարանաց բացատրութիւնները մինչեւ չափազանցութիւն մղուած են, որպէս զի զայն շահին ու չի զայրացնեն: Մեծարանաց ողջոյնը կու տան ծնրահանգոյց գագաթամբ, որ է կատարեալ երկրպագութեան ձեւ, եւ կաթողիկոսը կը կոչեն գլուխ պանծալի, սխրալի բնաւից, չքնաղ եւ նորոգ գերահրաշացեալ ի Հոգւոյն, հայր հանուրց սեռից Հայկայ, կաթողիկոս տիեզերական` ի դրանէ Հոնաց եւ Լփնաց, ի ծովէ Կասպից եւ ի Լեռնէ Կովկասեաց մինչ ի սահմանս Եգիպտական եւ ի ծովն արեւմտային ( ՕՐԲ. Բ. 198), եւ ուրիշ նմանօրինակ պատուագիր բացատրութիւններ ալ կը կրկնուին նամակին մէջ: Այդ բացատրութիւններէ ետքը համարձակ կը յայտնեն թէ ամէն կողմ կը լսուի, թէ Հոռոմ է մեր կաթողիկոսն, եւ ընդ նոսա դաշնադիր, ինչ որ կը յարէ Օրբելեան, ես ալ ականջովս լսած եմ երբ ձեռնադրութեան համար Կիլիկիա եկած էի, եւ այս պատճառով թագաւորն ու ժողովը այն ատեն կաթողիկոս ըլլալուն չհաւանեցան ( ՕՐԲ. Բ. 199), որ է Կատուկեցիին ընտրութեան պարագան 1168): Ասոր վրայ երկու տեսակ հայցուածներ կառաջարկեն Անաւարզեցիին, զոմն հրաժարական եւ զոմն յանձնառական, զգայթակղութիւն բազմաց բառնալոյ եւ զմիտս տկարաց բժշկելոյ նպատակով: Եւ թէպէտ, կ՚ըսեն, ոչ է արժան կատարելոյդ յիմաստս մի ըստ միոջէ յիշատակել պէտք եղած կէտերը, սակայն նորէն զանազան կէտերուն բացատրութեան կը մտնեն: Առաջ կ՚անցընեն յանձնառական գլուխը, որ է ամենայնիւ լրիւ պինդ ունել ժողովոցն Հայոց ( ՕՐԲ. Բ. 200), եւ յառաջ կը բերեն տասը ժողովներու անունները, որոնք են. 1. Շահապիվանի ժողով, կաթողիկոս` Յովհան Մանդակունի, Սիւնեաց մետրապոլիտ` Անանիա: 2. Նոր Քաղաքի ժողով, կաթողիկոս Բաբգէն, Սիւնեաց մետրապոլիտ Մուշէ: 3. Դըւնայ ժողով, կաթողիկոս Ներսէս, Սիւնեաց մետրապոլիտ Պետրոս: 4. Դըւնայ ժողով, կաթողիկոս Մովսէս, Սիւնեաց մետրապոլիտ դարձեալ Պետրոս: 5. Դըւնայ ժողով, կաթողիկոս Աբրահամ, Սիւնեաց մետրապոլիտ Քրիստափոր: 6. Պարտաւի ժողով, կաթողիկոս Եղիա: 7. Թէոդուպոլսոյ ժողով, կաթողիկոս Եզր, զոր Սիւնիք եւ այլք յաթոռակալացն ոչ ընկալան զաղանդն, այլ մնացին ամբողջ շնորհօքն Աստուծոյ: 8. Մանազկերտի ժողով, կաթողիկոս Յովհան Օձնեցի: 9. Անւոյ ժողով, ուր զՎահան կաթողիկոս որոշեցին նզովիւք, եւ զՍտեփանոս եդին ի տեղին: 10. Անւոյ ժողով, Զաքարիա սպասալարի օրով: Բոլոր այդ ժողովները յառաջ կը բերուին իբրեւ Քաղկեդոնի դաւանութեան դէմ փաստեր ու վճիռներ, յորոց ոչ ունիմք հնար արեամբ եւ մահու չափ` մասամբ միով շեղիլ, եւ այնքան նզովից պարտապան լինել, եւ ի մեր հարանցն մասնակցութենէ հեռանալ ( ՕՐԲ. Բ. 204): Օրբելեան ժողովները յիշած ատեն, ընդհանրապէս զրուցուած պարագաներուն համեմատ կը խօսի, որոնց մէջ կը գտնուին իսկականէն եւ մեր ցուցուցածէն տարբերող մանրամասնութիւններ ալ, ինչպէս է Շահապիվանի ժողովը 228) Մանդակունիին օրով դնելը, եւ անոր հակաքաղկեդոնիկ որոշում վերագրելը: Մենք պէտք չենք զգար այդ մանրամասնութիւնները զննել, բաւական է որ բազմաթիւ Հայ ժողովներ, քաղկեդոնեան դաւանութիւնը եւ երկաբնակ վարդապետութիւնը չուզեցին երբեք ընդունիլ, ինչ որ Անաւարզեցին ալ չէր կրնար եւ չի կրցաւ ուրանալ:

1219. ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ ԿԷՏԵՐ

Հրաժարական անունով կոչուած են անընդունելի կէտերը, որոնցմէ նախ կը յիշեն պատարագի հացին խմորը եւ բաժակին ջուրը, զորս օտար կը գտնեն աւետարանէն: Յիսուսի կողէն արիւն եւ ջուր ելած ըլլալն ալ յիշելով, որ բաժակը ջրողներուն մեծ փաստն էր, զայն երկու կենսաբեր խորհուրդներու վրայ կը մեկնեն, որոնք են Մկրտութիւն եւ Հաղորդութիւն, եւ ոչ բաժակին խառնուրդին վրայ: 2. Պատարագի ատեն եկեղեցին բաց պահելը յիշելով պատշաճ չեն տեսներ ամբոխին իբր ի մարմնաւոր խորհուրդ քուսել, կամ թէ զդրունսն անփակ թողուլ ի կոխանս շանց եւ խոզից, որպէս եւ մեք ականատես եղեաք: 3. Կը յիշեն եւս զմի նշխարն յութ եւ ի տասն պատարագ բաժանել` առաջարկ մը, որ է շատ քահանաներու միանգամայն կատարողապետ լինել պատարագի եւ սրբազնագործել, մինչ հին ծէսով միայն մէկը կը լինի պատարագիչ, եւ միւսները կը մնան միայն հաղորդակից: 4. Յանձն չեն առնուր մտանել ի Հոռոմ եկեղեցին եւ տօնակից լինել կամ հաղորդել, որով պարզ մուտքը չըլլար արգելուածը: 5. Չեն ուզեր ընդ նոսա տօնել զԾնունդ կամ զԱւետիս, այլ տօնել Ծնունդը յունուար 6-ին, եւ Աւետումը ապրիլ 6-ին, ինչպէս որ ատեն մը կը տօնուէր, եւ վերջէն ապրիլ 7-ին վրայ հաստատուեցաւ: 6. Կ՚ուզեն ճրագալոյցներուն խթել յեղ եւ ի պանիր, եւ հինգ օր նաւակատիքը պահել անխափան: 7. Թէպէտ առաքելոց ատեն կատարուած կ՚ընդունին զձէթ օրհնելն հիւանդաց եւ մեղսացելոց սակայն զայն խորհրդական չեն կարծեր, եւ ոչ ալ կ՚ուզեն քաջալերութիւն տալ, սակաւ դրամիկ մսխել, եւ ձէթ օրհնել եւ արդարանալ: Վերջապէս կ՚աւելցնեն թէ թէպէտ բան եւ խորհուրդ շատ ունիմք, այլ չեն ուզեր երկայնել, յայտնելով թէ սակաւն իմաստնոյդ բաւականասցի ( ՕՐԲ. Բ. 204-206): Ասկէ կ՚իմանանք թէ Կեսարացիին բերած առաջարկներուն մէջ ուրիշ կէտեր ալ կան եղեր, բայց հարկաւ աւելի կարեւոր չէին որ լռութեամբ կ՚անցնին: Այդպէս իրենց կարծիքները յայտնելէն ետքը կաթողիկոսէն կը խնդրէն, որ ընդհանրական թղթով մը այդ ամէն կէտերը որոշակի յայտարարէ, եւ իրենց յուղարկէ, զի յայնժամ առաւել հաստատութեամբ եւ հլու հպատակութեամբ հնազանդ լիցուք աստուածային գլխոյդ: Եւ կը յաւելուն, որ եթէ աւելի ինչ կամ պակաս կամիք մուծանել յեկեղեցիս մեր, զոր ոչ ունիմք ի հարցն, յայնժամ մի' աշխատ լինիք եւ մի' զմեզ աշխատ առնէք, ըստ ձեր կամացդ լիցի աշխարհդ այդ, այսինքն Կիլիկիա, եւ զմեզ թողէք ի մեր ստրուկ գերութեանս, այսինքն նախնեաց հետեւողութեան մէջ, եւ մեք կացցուք մնասցուք ակն ունելով վերին այցելութեան: Վերջին խօսքերնին ալ համարձակօրէն կ՚արտասանեն. Հաւան եմք մեք ընդ մեր հարսն ի դժոխս իջանել, եւ ոչ ընդ Հոռոմոց յերկինս ելանել: Կաթողիկոսին կողմէ իշխանական վճիռի մըն ալ առջեւն առնելու համար` կը զեկուցանեն, որ եթէ թագաւորական սաստիւ պատժէք զմեզ, այսինքն, եթէ բռնական միջոցներու կամ եկեղեցական դատապարտութիւններու կը դիմէք, մեք պատրաստ եմք ի տանջանս եւ յաքսորս եւ ի բանտ, եւ ի մեռանիլ ի վերայ սուրբ եւ առաքելական հարցն աւանդից: Այս տեսակ բուռն եւ կծու ընդդիմադրութենէ ետքն ալ, պատշաճից ձեւերը զանց չեն ըներ, եւ վերջին ողջոյնն ալ կու տան շատուշատ պատուագիր ոճով, ինչպէս սկսած էին, Ողջ լեր թագաւորական արգասիւքդ ծնողդ իմաստից եւ մայրդ ուղղափառութեան, աղբիւրդ հաւատոյ, եւ անվախ ախոյանդ սուրբ եկեղեցւոյ Գրիգորիոս, կաթողիկոս Հայոց, եւ Տէրն տէրանց հովանասցի տիրական գլխոյդ ( ՕՐԲ. Բ. 207-208): Միեւնոյն խոհական սկզբունքն է, զոր վերեւ բացատրեցինք 1215), անձը խնդիրէն դատել, անձը պատուասիրել եւ խնդիրին ընդդիմանալ ամենայն համարձակութեամբ, մանաւանդ թէ բաժանման խրտուիլակը հեռացնել ազգին վտանգեալ վիճակը չծանրացնելու համար:

1220. ՕՐԲԵԼԵԱՆԻ ԸՆԹԱՑՔԸ

Նամակը թէպէտ խորհրդով եպիսկոպոսաց եւ իշխանաց ( ՕՐԲ. Բ. 196) որոշուած էր, բայց ուղղակի բերանով Ստեփանոսի Սիւնեաց այցելուի գրուած ըլլալուն ( ՕՐԲ. Բ. 198), միւսներ պարզ ստորագրութեամբ չեն գոհացած, այլ քանի մը տողերով իրենց համախոհ եւ համամիտ ըլլալը յայտնած են նզովքներ ալ աւելցնելով հակառակը մտածողներուն, թէ որք ոչ միաբանին այսմ հայրենաւանդ եւ հայրապետական հաստահիմն դաւանութեանցս, նզովեալ եղիցին ( ՕՐԲ. Բ. 208), կամ համիմաստ ուրիշ ձեւեր: Իշխաններն ալ նզովքը կրկնած են, այլ ոչ իրենց անունով, այլ եկեղեցականներուն բերնով, թէ որ ոչ հաւանի նզովեալ եւ որոշեալ լիցի ի սուրբ հարցն մերոց եւ յաստուածարեալ եպիսկոպոսացս ( ՕՐԲ. Բ. 210): Այդ տարբերութիւնը նկատողութեան արժանի է եւ աշխարհականներուն կրօնական գործերու մասնակցութեան ձեւը կը ճշդէ: Սիւնեցիք իրենց նամակին կցած են երկու հատուածներ, մէկը Գրիգոր Նեսկեսարացիէ եւ միւսը Աթանաս Աղեքսանդրացիէ, որով միաւորեալ մի բնութիւն բանաձեւը կը հաստատուի ( ՕՐԲ. Բ. 211-215), եւ ասով անուղղակի հերքած կ՚ըլլան Անաւարզեցիին ցուցմունքները` որ ինչինչ վկայութիւններ հաւաքած եւ իր պատգամաւորին ձեռքով կամ իր գրութեամբ ներկայացնելու հոգ տարած էր: Օրբելեան իրենց գրութիւնը համեստօրէն Թուղթ մաղթանաց կ՚անուանէ, բայց այսու հանդերձ Կոստանդին Կեսարացին ոչ կամ էր յանձն առնուլ զտարումն թղթոյն` բաղբաղելով պատճառանս ինչ ( ՕՐԲ. Բ. 196), սակայն վերջնապէս չէ կրցած ընդդիմանալ, ու յակամայս պարտաւորուած է տանիլ զայն Անաւարզեցիին, ինչ որ իր պատգամաւորութեան կատարեալ ձախողումն էր: Ստեփանոս` նամակի ձեւով գրութենէն ետքը ճառի ձեւով եւ Հակաճառութիւն ընդդէմ երկաբնակաց մակագրով գրուած մըն ալ պատրաստած է հայադաւանութեան հնաւանդ սկզբունքները պաշտպանելու բաւական ամուր կերպով, զոր հռոմէադաւան պատմագիրը կը յանդգնի աղճատանք ստայօդ բանից անուանել ( ՉԱՄ. Գ. 292): Սիւնեցւոց այդ ընդդիմութեան յաջորդեցին Կիլիկիոյ ներքին խռովութիւնները 1212), եւ պահ մը ընդմիջեցաւ Անաւարզեցիին գործունէութիւնը, մինչեւ որ նորէն հանդարտութիւն տիրեց Լեւոնի թագաւորելովը 1301-ին, ուսկից ետքը տեղի ունեցած կ՚ըլլան վերջին երեք պատգամաւորութիւնները 1214):

1221. ՕՐԲԵԼԵԱՆԻ ՄԱՀԸ

Այդ միջոցին ասպարէզէն կը պակսի Արեւելեայց քաջ ախոյանը: Օրբելեանի պատմութեան թէպէտ թուական գրուած է 1299 փրկչական տարին, սակայն հետը նշանակուած 746 Հայոց թուականը 1297-ին կը պատշաճի, որ պիտի նախադասուի, քանի որ նոյնը կը հաստատուի Սարկաւագադիր շրջանին 214 թուականովն ալ, որ նոյն տեղ նշանակուած է ( ՕՐԲ. Բ. 257): Անկէ ետքը Օրբելեանի գործունէութենէն յիշատակ չունինք, հարկաւ տարիքն ու յոգնութիւնը զինքը ճնշած էին, թէպէտ 1304-ին կնքած է բազմաշխատ եւ բազմարդիւն կեանքը: Իրեն յաջորդած է Յովհաննէս Օրբելեան, Լիպարիտի որդին, զոր ինքն կը պատրաստէր 1188): Ձեռնադրութիւնը անշուշտ Անաւարզեցիէն առած է, բայց չենք գիտեր ստուգիւ թէ Ստեփանոսի մահուանէ առաջ կամ ետքը, թէպէտ մեզի հաւանականագոյն կ՚երեւի ըսել, թէ Ստեփանոս նախահոգ զգուշաւորութեամբ կանխաւ ձեռնադրել տուած է: Նոյն միջոցներուն մեռած են Ելիկում եւ Լիպարիտ իշխաններն ալ, եւ Յովհաննէս իբրեւ Օրբելեանց գլուխը, Սիւնեաց իշխանութիւնն ալ միացուցած է մետրապոլտութեան, եւ այս է Անաւարզեցիին ըսելը անոր համար, որպէս հոգեւոր իշխան գոլով, նոյնպէս եւ մարմնաւոր ( ԿԱԼ. 441):

1222. ԱՆԱՒԱՐԶԵՑԻԻ ՆԱՄԱԿԸ

Անհնար էր որ Սիւնեցւոց ընդդիմութիւնը չշարունակէր եւ իւր ազդեցութիւնը չգործէր Ստեփանոսի մահուընէն ետքն ալ, զի նոր պատգամաւորութիւններն ալ դժուարութեանց կը հանդիպէին, երբ Անաւարզեցին կ՚աշխատէր իր ծրագիրը առջեւ տանիլ: Այդ կացութեան հետեւանքը կը կարծենք մենք այն հռչակաւոր թուղթը, զոր գրեց Անաւարզեցին առ կրօնաւոր թագաւորն Հեթում, հայր արքային Հայոց Լեւոնի, ինչ որ պէտք է իբր պատուակալ թագաւորահայր իմանալ, զի Հեթում կուսակրօն էր, Լեւոն ալ Թորոսի որդին էր: Այս նամակին սկիզբը կը յիշուի, թէ Հեթում հերուի տարին ի Սիս եկաւ, եւ թէ անկէ ետքը Հեթումի դրաներէցը Ստեփանոս` եբեր զպատուելի թուղթս Հեթումի, եւ թէ Անաւարզեցին խնդրեց Հեթումէ, թէ ջանայ եւ օգնէ, որ մինչ կենդանի կամք զերծանիմք ի բանադրանաց ( ԿԱԼ. 435): Այդ վերջին բացատրութիւնը, մինչ կենդանի կամք, պատճառ եղաւ ոմանց կարծել, թէ Անաւարզեցիին թուղթը, մեռնելու մօտ եղած ատեն գրուած ըլլայ, եւ իբրեւ կտակ թողուած Հեթումի ձեռք, բայց մենք ընդհակառակն կը կարծենք, թէ աւելի կանուխ գրուած թուղթ մըն է, գործերուն կնճռոտած ատենը, բոլորովին մտերմական ոճով, որուն մէկ նշանն ալ է սովորական խօսակցութեան լեզուով գրուած ըլլալը, ոչ իբրեւ պաշտօնական գրութիւն մը, այլ իբր բերնէ բերան խօսակցութիւն մը, ինչ որ շատերէն ժամանակին ռամկօրէն կոչուած է, բայց աւելի ճիշդ կ՚ըլլար ժամանակին աշխարհաբարը կամ խօսակցութեան լեզուն անուանել:

1223. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԵՒ ԶԱՔԱՐԻԱ

Գործերուն կնճռոտիլը յիշեցինք, եւ իրօք ալ Անաւարզեցիին ծրագիրը տակաւ դժուարութեանց կը հանդիպէր: Յովհաննէս Օրբելեան Անաւարզեցիին ծրագիրին կ՚ընդդիմանար, եւ սաստիկ ոճով գիր մըն ալ ուղղած էր Արտազու արքեպիսկոպոս Զաքարիա Ծործորեցիին, որ Վասպուրականի կողմերը Անաւարզեցիին անսացողներուն կը միտէր: Մէք ըստ մարմնոյ եւ հոգւոյ մի էաք, կ՚ըսէ. դու ընդէflր բաժանեցար, եւ եթէ կ՚ըսես թէ ճշմարտութեանն հաւանեցար, հապա զմեզ ընդէflր չարարեր խորհրդակից ( ՉԱՄ. Գ. 305): Զաքարիա երկդիմի կերպով կը ջանար խնդիրին մէջէն ելլել, ոչ հնաւանդ ծէսերը անարգելով, եւ ոչ կաթողիկոսին դիմադրել ուզելով, զի արդէն ազգս Հայոց յերիս մասանս բաժանեալ, ըլլալով, Սսոյ եւ Աղթամարայ եւ Աղուանից կաթողիկոսութեանց վրայ, չէր ուզեր նորանոր բաժանումներ ալ աւելցնել Սսոյ կաթողիկոսէն բաժնուելով: Ծործորեցին միջադէպ մըն ալ կը յիշէ, թէ Յովհաննէսին հետ տեսակցութիւն ունեցեր է ի Դաւրէժ, ի փոքր սենեակ եկեղեցւոյն, ուր գլուխ խորհրդոյ եղեր է Յովհաննէս Օրբելեան, սակայն կը խոստովանի, թէ տեսաք, որ դուք ոչ ունէիք կամք հնազանդիլ կաթողիկոսին, իսկ մեք ոչ իշխեցաք ապստամբիլ ի նմանէ ( ՉԱՄ. Գ. 307): Օրբելեան Յովհաննէսի եւ Ծործորեցի Զաքարիայի թղթակցութիւնները շարունակեցին, Հայ վարդապետներու մէջ ներհակընդդէմ վէճերն ալ շատցան, այնպէս որ Հեթում ինքն ալ վարանմանց մատնուած, պիտի ըլլայ, որ Անաւարզեցին հարկ կը սեպէ մտերմական թուղթով մը զայն իր ծրագիրին ուղղութեան համոզել, եւ իրեն կուսակից մըն ալ ապահոված կարծելով` թագաւորահօր կ՚առաջարկէ, որ ազգային ժողով մը գումարէ, եւ խնդիրները անոր մէջ հաստատուն որոշման յանգին: Հետեւաբար անհիմն պիտի չըլլար կարծել, թէ Ստեփանոս դրան երէցին Հեթումին բերած նամակները, ճիշդ այդ կէտերը կը շոշափէին, եւ Հեթում որոշ լուծումներ կը պահանջէր կաթողիկոսէն, իսկ Անաւարզեցին ալ իրական գործ կը պահանջէր Հեթումէն, զի նա էր տիրապէս թագաւորութեան վարիչը, եւ Լեւոն Դ հազիւ 15 տարեկան պատանի մըն էր տակաւին: Ըստայսմ Հեթումը ուղղուած հռչակաւոր թուղթը` հաւանաբար 1303-ին գրուած կրնայ ըլլայ: Հեթում ու Գրիգոր շատոնց իրարու խորհրդակից ու համամիտ ու գործակից էին, եւ Հեթում կատարելապէս համոզուած մըն էր Անաւարզեցիին ծրագիրին: Արդ, եթէ տարիներ ետքը Անաւարզեցին պէտք կը զգայ մտերմական նամակով մը Հեթումի համոզելու փաստեր գործածել, անհրաժեշտ է Հեթումի միտքին մէջ վարանում մը ենթադրել, զոր բուժելու կը ստիպուի Անաւարզեցին մտերմական, բայց պատճառաբանեալ նամակով մը:

1224. ԲԱԺԱԿԻՆ ՋՈՒՐԸ

Յիշեալ նամակին պարունակութեան գրեթէ ամբողջութիւնը բաժակի ջուրին կը դառնայ, եւ կ՚երեւի թէ աւելի այս կէտն էր որ Հեթումի միտքը վրդոված էր, որ Անաւարզեցին բոլոր իր ոյժը անոր վրայ կը թափէ, հարեւանցի անցնելով ուրիշ փոփոխութիւնները ( ԿԱԼ. 439), զորս արդէն քաղեցինք իր կարգին 1205): Բաժակի ջուրը հաստատելու համար Անաւարզեցին ունէր այն վկայութիւնները, զորս Լատիններ իրեն թելադրած էին, բայց, կ՚ըսէ, յորժամ երէկ ձեր երէցն, ես սկիզբն արարի որ ժողովէի ի Հայ գրոցն զվկայութիւնս, որովք գիրն հաստատէի եւ գրէի ձեզ ( ԿԱԼ. 438): Ասկէ կը հետեւի, որ Հեթում բաւական չի սեպելով օտարներու վկայութիւնը, Հայ գիրքերէն վկայութիւններ պահանջէր է ընդդիմաբաններու դիմադրելու համար: Այս նպատակով նախ կը յիշէ Աթանասի հայերէն թարգմանութիւնը, եւ կ՚աւելցնէ շատ մը օտարներու անունները, զորս առիթ ունեցանք քաղելու 1204): Սակայն ասոնց վկայութիւնները չէին կրնար մեծ ոյժ ունենալ Հայերու վրայ, վասն զի իւրաքանչիւրը իր եկեղեցական սովորութիւնը կ՚ուզէր լուսաբանել, եւ ոչ թէ ուրիշ եկեղեցւոյ սովորութեան դէմ գրել: Անաւարզեցին Հայերէն վկայութիւն ու փաստ քաղելու համար կ՚ըսէ, թէ Հայեր ամէն օր փարջ մը ջրոյ ի նշխարն խառնեն, եւ զայն նշխարհ ողջ ի գինին դնեն, որով բաժակին ջուր խառնուած ըլլալը կ՚ուզէ հետեւցնել ( ԿԱԼ. 437): Ծիծաղելի` չըսենք խղճալի` պատճառաբանութիւն մը: Կը յիշէ եւս թէ գտայ ի տէր Ներսէս Լամբրոնացին այլ օգնութիւն, եւ ի Կլայեցին այլ ( ԿԱԼ. 438), բայց գտածները չի յիշեր, միայն աւելի վար կը պատմէ թէ տէր Ներսէս ուր հանդիպէր, հաղորդէր, զօր Կալանոս Շնորհալիին վրայ կ՚ուզէ իմանալ ( ԿԱԼ. 441), սակայն անտարբեր հաղորդուողը Լամբրոնացին էր 1061), որ այս կերպով ոչ թէ ջուր խառնելը պարտաւորիչ կը ցուցնէր, այլ խառնելը կամ չխառնելը անտարբեր կը գտնէր: Իբրեւ փաստ կ՚ուզէ գործածել եւս, որ Կոստանդին Բարձրբերդցիին եւ Հեթում Ա. -ին օրով Անտիոքի Լատին պատրիարքը Սսոյ Ս. Սոփիա Հայ եկեղեցւոյն մէջ պատարագեր է, եւ հարկաւ ջրախառն բաժակով պատարագած կ՚ըլլայ, ուրկէ Կոստանդին ալ հաղորդուեր է: Սակայն այս ալ ըսել չէ թէ զնոյն ջրովն պատարագեաց հետ իւր ( ԿԱԼ. 442): Հայեր անապակ պատարագած ատեննին, երբեք նոյնը Լատիններէն չպահանջեցին, որ Լատին պատրիարքին պատարագը արգելելու պէտք զգային: Հայոց անապակ բաժակով պատարագելը կ՚ուզէ մեկնել ըսելով, թէ յԱրեւելք զի անապակ կու խմեն, անապակ պատարագեցին, ինչպէս որ Յոյներ ալ, որովհետեւ զիւրեանց գինին թերմոն կու խմեն, նա զիւրեանց պատարագ թերմոն կու առնեն ( ԿԱԼ. 447), իսկ Հրէայք ջրախառն կը խմեն եղեր, վասնզի Սողոմոն գինիի համար` զոր խառնեցի ձեզ ըսեր է, եւ Յիսուս ալ բաժակն է առեր, եւ ոչ կարաս կամ տկճոր ( ԿԱԼ. 445), որոնք անապակ կ՚ըլլան: Առանց ուզելու պնդել, թէ խառնուած գինին պակասամիտներուն համար պատրաստուած է ( ԱՌԿ. Թ. 4), դիտել կու տանք միայն, որ Անաւարզեցին իր խօսքով ընդունուած կ՚ըլլայ թէ իւրաքանչիւր ազգ իր սովորութեան հետեւելու իրաւունք ունի: Կը յիշէ եւս թէ Աղուանից պատմիչը, այսինքն Կաղանկայտուացին, գրած ըլլայ, թէ տասը եպիսկոպոսներ Դուին ժողվուելու մուծեր են մի բնութիւն-ը, խաչեցար-ը, յունուար 6-ի Ծնունդը, եւ անապակ բաժակը, զորս յետոյ Եզր խափաներ է, եւ հինգ կաթողիկոսներ անոր հետեւեր են, որոնց մէջ նաեւ Սահակ, որ վասն Հայերուն առ Մահմէտ գնաց, եւ արար զսքանչելիք, մեռելէն ետքը դրստեց եւ կարդաց զիւր թուղթն, եւ որուն անապական աջը ինքն ալ տեսեր է Հռոմկլայի մէջ ( ԿԱԼ. 442): Թէպէտ կ՚ըսէ թէ Եսայի Նչեցիէն այսպէս լսած ըլլայ ( ԿԱԼ. 444): Սակայն Կաղանկայտուացին ասանկ պատմութիւն չունի, եւ ոչ ալ այն վեց կաթողիկոսները օտարոտի փոփոխութիւնները ընդգրկած են, եւ ոչ ալ տասը եպիսկոպոսներու խելքով հաստատուած են հայադաւան եւ հայածէս կարգադրութիւնները: Այսչափն ալ կը բաւէ իմանալու թէ ինչչափ տկար էին Անաւարզեցիին փաստերը, եւ ինչու չէր կրնար ընդդիմադիրները համոզել:

1225. ՆԱՄԱԿԻՆ ՄՆԱՑՈՐԴԸ

Սոյն թուղթին մէջէն քանի մը ուրիշ կէտեր ալ կան բացատրելու արժանի: Անաւարզեցին կը գրէ, թէ կայր ի մօտս իմ քեռոյն գիրքն, որ է Հաւատոյ Արմատն ( ԿԱԼ. 436), եւ չյիշեր իր քեռին ով է: Ոմանք ուզեցին Յակոբ Ա. կաթողիկոսն իմանալ ( ՀԱՅ. Ա. 119), օգտուելով անշուշտ ուրիշ տեղ Յակոբ մը իրեն նախահայր անուանելէն, երբ կը գրէ, թէ էի լուեալ ի սուրբ նախահարցն, ի տէր Յակոբայ եւ ի Դաւիթ վարդապետին եւ ի տէր Ներսէսոյն ( ԿԱԼ. 441), ուր եւ ոչ յայտնի է թէ Յակոբը կաթողիկոս մըն է, թէ ոչ իր նախնիքներէն քահանայ մը, քանի որ ինքն ալ Տուրքերիցանց կը կոչուէր: Աւելի անծանօթ կը մնայ Հաւատոյ Արմատ գիրքը, վասնզի հնար չէ որ Մայրագոմեցիին վկայութեանը դիմած ըլլայ ( ՀԻՆ. 430): Անաւարզեցին իր պատճառաբանութեանց կարգը ընդմիջելով կը գրէ Հեթումին, աղաչեմք զձեզ որ ոչ իմանայք, թէ զբանս վասն ձեր կու երկարեմ, այլ վասն այլոց որ տղայ են եւ տկար ( ԿԱԼ. 444), բայց այս քաղաքավարի դարձուածը աւելի եւս կը համոզէ մեզ, թէ իրօք Հեթումի վարանումները փարատելու կ՚աշխատէր: Դարձեալ մէջ կը բերէ, որ քակէ զցանգ հայրենի` հարցնէ զնա օձ` առակը, եւ կ՚ուզէ զինքն պաշտպանել, թէ հայրենաւանդ սովորութիւնները եղծանել չ՚ուզեր, այլ իբր թէ ժամանակով մուծուած զեղծումները կ՚ուզէ ուղղել ( ԿԱԼ. 448): Այդ առթիւ խօսքը առաջ տանելով կը յայտարարէ, թէ ինքն չ՚ուզեր բոլոր օտար սովորութիւնները ընդունիլ: Ըստ այսմ բաժակին ջուրը ընդունելով, չ՚ուզեր ընդունիլ նաեւ խմորուն հացն ու թերմոնը` այսինքն տաք գինին, Յոյներուն հետեւելով: Լատիններէն ալ ընդունելով եպիսկոպոսին խոյրը կամ միթրը եւ խաչ հանելու կերպը, չ՚ուզեր ընդունիլ աղուհացից մէջ ձէթ ու ձուկ ուտելը` Աւետման տօնէն զատ, սխալանաց մէջ ինկող քահանային պատարագելը, կամ աշխարհիկ քահանային ալ անկին լինելը ( ԿԱԼ. 449): Կ՚ընդունի եւս զամենայն քրիստոնեայք Հռոմայ եկեղեցւոյն, եւ զչորս պատրիարքն, որոնք են Կոստանդնուպոլսոյ, Աղեքսանդրիոյ, Անտիոքի եւ Երուսաղէմի աթոռները, զՔրիստոսի սուրբ անուամբն քրիստոնեայք, որ կոչին ուղղափառ, զոր ի զուր Կալանոս կաթոլիկ կը թարգմանէ լատիներէնին մէջ, փոխանակ որթոդոքսի: Բայց չ՚ընդունիր Յակոբ Կուրտն զրկու կոչուածները, այսինքն Յակոբիկ Ասորիները, որ մէկ մատամբ խաչ հանեն, եւ ուրբաթ աւել առնեն, այսինքն ուրբաթ երեկոյէ պահք կը լուծեն: Չընդունիր նաեւ թլփատուողները, ազգապղծութիւն ընդունողները, Նեստորականները, եւ կը կնքէ ըսելով. ընդ նոսին անիծեմք զամենայն հերձուածողսն, եւ զգուշացուցանեմք ի հերետիկոսութենէ ( ԿԱԼ. 450): Իսկ ասոնցմէ դուրս կը հաւանի որ մերն ալ մեզ մնասցէ, որ մինչեւ ցայժմ եղեալ է ( ԿԱԼ. 449): Այդ կէտերը շատ բացատրութեան չեն կարօտիր, միայն նկատողութեան արժանի է, որ Անաւարզեցին իր կատարեալ լատինամոլութեամբը չի վարանիր յունադաւաններն ալ իբրեւ ուղղափառ ընդունիլ, թէպէտ Լատին ու Յոյն եկեղեցիներ իրարմէ բաժնուած էին, ու զիրար կը նզովէին: Եւ կ՚երեւի թէ վերջապէս հայադաւան ազատամտութենէն եւ Հայ եկեղեցւոյ լայնախոհութենէն բան մը մնացեր է Անաւարզեցիին միտքին մէջն ալ: Նոյնը կը քաղուի նաեւ այն ազատութենէն զոր կ՚ընդունի, թէ ով ուզէ` առնէ, եւ ով չուզէ` թող կենայ մինչ ի ժողովն, մինչեւ ժողովով հաւանութեամբ եւ տրամաբանականութեամբ լինի իրաւունք ըստ կանոնաց ( ԿԱԼ. 448): Այս պատճառով էր որ պաշտօնապէս պառակտումը կը խափանուէր Հայոց մէջ, հակառակ կաթողիկոսին եւ թագաւորահօր բուռն լատինամոլութեան:

1226. ՆԱՄԱԿԻՆ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ

Անաւարզեցիի հռչակաւոր նամակին պարունակութիւնը իրաւունք կու տայ եզրակացնելու, թէ այն բնաւ հեղինակութիւն կազմող գրուած մը չէ: Մտերմական ոճէն զատ, որ գրուածը պաշտօնական ոյժէ կը զրկէ, ինքն նամակագիրն ալ միայն իր անհատական կարծիքը կը յայտնէ, առանց իսկ յաւակնելու զայն պարտաւորիչ ընել, եւ գումարուելիք ժողովի մը որոշումին կ՚ենթարկէ իր առաջարկին հաստատութիւնը, որով կը խոստովանի թէ առանց ժողովի իր կարծիքը ոյժ չունի: Արդէն Հայ եկեղեցւոյ ըմբռնումով եւ սկզբունքով կաթողիկոսի մը անհատական կարծիքը երբեք դաւանական զօրութիւն չունի, եւ իր անձնական հեղինակութենէն աւելի չարժեր, եւ երբ Անաւարզեցին կը ճանչնայ թէ իր ըրածը նորութիւն մըն է, նովին իսկ իր խօսքին հեղինակութիւնը ինքն կը ջնջէ: Թէ ինչ եղաւ այդ թուղթին հետեւանքը` գրուած չէ, միայն կը տեսնենք, որ այլեւս այդ թուղթը մէջտեղ չերեւար, վիճաբանութեան նիւթ չի կազմեր, խնդրոյ հիմ չի լինիր, եւ ապագայ Սսոյ ժողովին մէջ ալ բնաւ առ Հեթում գրաւած նամակին խօսքը չըլլար, այլ իբրեւ հիմ կ՚առնուի, ուրիշ թուղթ մը, զոր Անաւարզեցին առաքեաց առ սուրբ եւ բարեպաշտ թագաւորն Լեւոն ( ԿԱԼ. 457): Որչափ ալ Լեւոն տակաւին պատանեկութեան տարիքին մէջ, եւ գործի տէր ըլլալու անբաւական, որչափ ալ ինքն Հեթում իր վանքէն ալ պետական գործերուն ղեկը վարող, սակայն օրինաւորութեանց ձեւակերպութիւնները յարգելով իմացուցած պիտի ըլլայ Անաւարզեցիին, թէ մտերմական ոճով եւ խօսակցութեան լեզուով իրեն ղրկուած նամակը հնար չէ իբր պաշտօնագիր ընդունիլ, ուստի պէտք է որ պաշտօնական ձեւով գիր մը ուղղէ անոր` որ որչափ ալ տղայ, բայց թագաւորի անունը կը կրէ, եւ անկէ խնդրէ ժողովի գումարումը, եւ անոր ներկայէ ժողովական որոշմանց ենթարկուելիք նիւթերուն ծրագիրը: Այս պատճառով Անաւարզեցին երկրորդ գիր մը ուղղած է Լեւոնի անունին, որչափ ալ ինչպէս ըսինք ու կը կրկնենք, նորէն Հեթում պիտի ըլլար գործեր վարողը եւ պէտք եղածը կարգադրողը: Այդ երկրորդ գիրը չունինք իր կատարեալ պատճէնովը, սակայն դժուար չէ նկատել, թէ այն միեւնոյն գրութիւնն է, որ իբր Սսոյ ժողովի ատենագրութիւն կամ վճիռ յառաջ բերուած է Կալանոսէ, որ այդ գրութեանց պատճէնները հանած է հնագոյն արձանագրութիւններէ, ինչպէս լատիներէն մասին մէջ կը գրէ ( ԿԱԼ. 435): Իսկ Լեւոնի ուղղուած գրութեան թուական իդէպ է ընդունիլ դարձեալ 1305 տարին, զի երկրորդ գրուածը առաջինէն շատ ետք մնացած չի կրնար ըլլալ: Այդ պաշտօնական գրութեան ալ հետեւանքը եղած է ժողովական գումարման մը համար որոշումը, որ ի դիպուկ ժամու պիտի հաւաքուէր, որպէսզի ձեռնարկէ հաստատել յեկեղեցիս Հայոց, ինչ որ Անաւարզեցին առաջարկած էր իր պաշտօնական գրութեան մէջ ( ԿԱԼ. 456): Նկատողութեան արժանի է որ Անաւարզեցին չի համարձակիր իր կաթողիկոսական իշխանութեամբ հրաւիրել եկեղեցական ժողովը, ինչ որ կանոնական ձեւը կը պահանջէ, այլ առաջ Հեթումի կը դիմէ մտերմական նամակովը, եւ յետոյ Լեւոնի կը գրէ պաշտօնական թուղթովը, եւ թագաւորական իշխանութենէ կը սպասէ եկեղեցական գործերու հոգածութիւնը, ինչպէս են դաւանական եւ ծիսական խնդիրները: Անտարակոյս Անաւարզեցին չէր կրնար անգիտանալ իրեն դէմ եղած հակակիր զգացումները եպիսկոպոսութեան մեծ մասին մէջ, եւ կը խիթար որ չի յարգուիր իր հրաւէրը, եւ կանխիկ դուռ կը բանար խնդիրներու: Այս պատճառով կ՚ուզէր թագաւորական իշխանութեան հովանաւորութեամբ իր ծրագիրը յառաջացնել: Եթէ այդ ժողովը յաջողցնես, կը գրէ Հեթումին, դուն Քրիստոս ես, զմեզ արեամբ ի դժոխոցն կու գնես ( ԿԱԼ. 440):

1227. ԻՆՉ ԻՆՉ ԴԻՊՈՒԱԾՆԵՐ

Ժողով գումարելու համար դիպաւոր ժամանակն ( ԿԱԼ. 459) դժբախտաբար չի կրցաւ ստացուիլ 1305 եւ 1306 տարիներու մէջ, որոնք այդ դրութեանց հետեւեցան: Եգիպտացիք թոյլ եւ դադար չի տուին Հայերուն, եւ շարունակ արշաւանքներով եւ ասպատակներով Կիլիկիան նեղեցին: Տարի մը առաջ 1304-ին մեռած էր Թաթարներու Ղազան խանը, եւ Հեթում պարտք սեպած էր անձամբ ողջունել անոր յաջորդ Ղարբանթա կամ Էօլչապտու խանը, եւ այդ պատճառով Դավրէժի ուղեւորութիւնը կատարած, քանի որ ուրիշ կողմէն օգնութիւն մը չէին գտներ Եգիպտացւոց դէմ, եւ Վոնիփակիոս Ը. պապ կը գոհանար համբերութեան յորդորներ կարդալով 1210): Անշուշտ նոր խանին այցելութեան պատճառով էր` որ Յովհաննէս Օրբելեան եւ Զաքարիա Ծործորեցին ալ իրարու կը հանդիպէին Դավրէժի մէջ 1223), բայց չենք գիտեր թէ Հեթումի ալ հանդիպեցան այնտեղ: Հեթում դառնալէն ետքն ալ պարտաւորուեցաւ շարունակ դէմ դնել Եգիպտացւոց արշաւանքներուն, որոնք զանազան կողմերէն Կիլիկիա կը յարձակէին եւ աւերածներ կը գործէին: Թէպէտեւ քանիցս Հայեր կը յաջողէին լեռներէ եւ կիրճերէ օգտուելով անոնց դիմադրել, եւ բաւական թուով թշնամիներ ալ կոտորել, բայց արշաւանքները չէին դադարեր: Ինչպէս ստէպ յիշած ենք, մեր նպատակէն դուրս կը նկատենք արտաքին դէպքերու եւ պատերազմներուն մանրամասնութեանց մտնել: Հայեր փութացին Լատիններուն օգնութիւնն ալ խնդրել թախանձանօք, սակայն Կղեմէս Ե. պապն ալ, որ Բենեդիկտոս ԺԱ. յոյժ համառօտ գահակալութենէ ետքը աթոռ բարձրացած էր 1305-ին, Վոնիփակիոս Ը. ձեւով համբերութեան ու քաջալերութեան յորդորներով կը պատասխանէր 1306 յուլիս 2-ին: Թաթար խաներ, որ Պարսկաստանի տիրապետն էին եւ Դավրէժ կը նստէին, հետզհետէ իրենց կեդրոնին մէջ կ՚ամփոփուէին, եւ հեռաւոր երկիրներէն ձեռք կը քաշէին, որով այս կողմէն ալ կը պակսէր Հայերու սպասած օգնութիւնը:

1228. ՕՍՄԱՆԵԱՆՑ ՍԿԻԶԲԸ

Այս միջոցին էր որ նոր պետութիւն մը, յանկարծական եւ արագ յաջողութեամբ կը սկսէր ընդարձակուիլ: Թուրքերու նոր գաղթականութիւն մը 1227-ին մեկնած էր Անդրկասպեան երկիրներէն Եփրատի կողմերը հաստատուելու միտքով բաւական ժամանակ պտտելէ ետքը տեղաւորուած էր Իկոնիոնի սուլտանութեան սահմաններուն մէջ: Իսկ գաղութին մի մասին ետ գացած ատեն, միւս մասը մնացած էր նոյն տեղը, եւ սուլտանութեան մատուցած ծառայութեանց ի վարձ` ստացած էր Սէօյիւտի գաւառը շուրջ 1242-ին: Էրթօղրուլ էր այդ ճիւղին պետը, որդի առաջին գաղութին գլուխը եղող Սիւլէյմանի, որ եւ յաջողեցաւ իր սահմանները հետզհետէ ընդարձակել, գլխաւորապէս Յոյներէն քաղաքներ եւ բերդեր առնելով, եւ բաւական զօրաւոր դիրք մը ձգեց իր որդւոյն Օսմանին, երբոր մեռաւ 1288-ին: Օսման աւելի ձեռներէց քան իր հայրը, աւելի ընդարձակեց իր իշխանութիւնը սուլտաններուն հովանաւորութեամբ, այնպէս որ երբ 1294-ին Իկոնիոնի սուլտանութիւնը ջնջուեցաւ Թաթարներու ձեռքով, եւ շատ մը մանր իշխանութիւններ կազմուեցան 1208), Օսմանի իշխանութիւնը շատերէն աւելի զօրաւոր էր, որով Օսման 1299-ին համարձակեցաւ զինքն սուլտան կամ փատիշահ հռչակել, իբրեւ Իկոնիոնի սուլտանութեան յաջորդ: Անկէ սկսաւ ետքը աւելի մեծ յաջողութեամբ եւ արագութեամբ իր իշխանութիւնը ընդարձակել, միւս փոքրները հետզհետէ հպատակեցնել եւ նուաճել, եւ այս կերպով Կիլիկիոյ Հայոց թագաւորութեան դէմ նոր ոյժ մը կազմել, դէպ հարաւ ալ ուղղելով իր արշաւանքները:

1229. ԱՆԱՒԱՐԶԵՑԻԻՆ ՄԱՀԸ

Ահա այն պարագաները, որոնք չի ներեցին Անաւարզեցիին մեծ փափաքին իրականացումը, զի Հեթում եւ Լեւոն հակառակ իրենց համակամ պատրաստականութեան, ոչ պատեհը ունեցան եւ ոչ համարձակութիւն զգացին ազգային ժողով հրաւիրելու: Միւս կողմէն Անաւարզեցին տարիքը առած յուզմունքներէ եւ աշխատութիւններէ տկարացած, իր վախճանին մօտենալը կը տեսնէր, եւ տարի առաջ արդէն Հեթումի կը գրէր, թէ մինչ կենդանի կամք, զերծանիմք ի բանադրանաց ( ԿԱԼ. 435): Իսկ մտահոգութիւն պատճառող բանադրանքը` բաժակին ջուր չխառնողներուն դէմ Լատին եկեղեցւոյ բանադրանքն էր, որուն համար կը գրէր թէ ոչ գիտէի, թէ ժողովօք եւ հայրապետօք մեծ բանադրած էր ( ԿԱԼ. 438): Իրաւ որ Անաւարզեցին իր գործը փոքրոգի խղճահարութեան հասուցած պիտի ըսուի, եթէ անկեղծ յայտարարութիւններ են գրածները, ինչ որ չէինք ուզեր կասկածի ներքեւ թողուլ, որովհետեւ իրեն երկնային մաքուր հոգւոյն վկայողները չեն պակսիր: Անոր մարմնոյ առողջութիւնը, կ՚ըսեն, ջնջեալ էր յաղօթից եւ ի պահոց, ի հսկելոյ ճգնաւորիդ ( ՍՄԲ. 160), որ բարեպաշտօն անձի գաղափարը կը թելադրէ իր վրայ: Ուստի մենք ալ չենք ուզեր կարեւորութիւն ընծայել Ջահկեցիին վերջին դարերու մէջ գրածին, թէ երբ հայհոյէր զառաջին սուրբ հայրապետս մեր, աթոռէն ինկաւ ու դիւահարեցաւ, եւ մեռաւ դառն մահուամբ ԱՀ. 601): Ինչ ալ ըլլային Անաւարզեցիին զգացումն ու դիտումը, նա չկրցաւ զայն իրականացած տեսնել, եւ մահը վրայ հասաւ ու անոր գործունէութիւնը վերջացուց: Մահուան օրը որոշ չէ, միայն թէ մահունէ ետքն է որ ժողով կը հրաւիրուի, եւ 1307 մարտ 19-ին ժողով կը գումարուի, եւ եթէ ամիս մը կամ ամիսուկէս միջոց ուզենք տալ այդ գործողութեանց, 1307 յունուարի վերջերը պէտք է դնել անոր մահը: Սմբատի եւ Անեցիի շարունակողներն ալ որոշ թուական չեն ցուցներ, եւ կը մնայ յիշեալ մակաբերական հաշուով գոհանալ: Անաւարզեցիին վրայ դիտողութիւննիս ու անոր ընթացքին գնահատումը` քանիցս առիթ ունեցանք յայտնել եղելութեանց կարգին, եւ նորէն կրկնել չենք ուզեր: Կրնանք ըսել թէ նա համոզմամբ հռոմէադաւանութեան կուսակից մըն էր, եւ թէ ամէն ճիգ թափեց իր համոզումը Հայ եկեղեցւոյ մէջ ալ ընդհանրացնել, սակայն պաշտօնապէս հռոմէադաւան մը չկրցաւ ըլլալ, եւս առաւել Հայ եկեղեցին հռոմէադաւան չկրցաւ ընել: Մարդ մը, որ կը յայտարարէ թէ բաժակին ջուր դնեմ ի ծածուկ ( ԿԱԼ. 438), նովին իսկ վկայած կ՚ըլլայ թէ պաշտօնապէս հռոմէադաւան ճանչցուելէ խուսափած է: Եւ նա` որ կրկին կը պնդէ թէ` պէտք է սպասել, մինչեւ լինէր զի ժողովով հաստատուէր ( ԿԱԼ. 438), եւ թէ կու ծածկեմք մինչեւ ժողով լինի ( ԿԱԼ. 444), կ՚ընդունի թէ պէտք է որ ժողովով, հաւանութեամբ եւ տրամաբանութեամբ լինի իրաւունք ըստ կանոնաց ( ԿԱԼ. 448), եւ այնպիսւոյն համար հնար չէ հաստատել, թէ նա ինքնին հայադաւան եկեղեցին հռոմէադաւանութեան փոխարկած ըլլայ: Այսպէսով կ՚ոչնչանան Անաւարզեցիին հեղինակութեամբ Հայերը կաթոլիկ դարձնողներուն ճիգերը, քանի որ Անաւարզեցին ժողով չըրած եւ ժողովով իր դիտումը չիրագործած աշխարհէ մեկնեցաւ:

1230. ՍՍՈՅ ԺՈՂՈՎԱԿԱՆՔ

Սակայն իր գործակիցն, գուցէ եւ թելադիրչն, Հեթում-Յովհաննէս կրօնաւոր-թագաւորահայրը, չուզեց անգործ մնալ, եւ այն յուզումնալից միջոցին մէջ, երբ մէկ կողմէն քաղաքականապէս երկիրը կը վրդովուէր, եւ միւս կողմէն աթոռին պարապութեան երեսէն մտահոգութիւն կը տիրէր, ուզեց գործին պաշտօնական կերպարան տալ, եւ օգուտ քաղել կաթողիկոսական ընտրութեան համար գումարուելիք ժողովէն: Հրաւէրները ցրուեցան Լեւոն թագաւորի անունով, որ 18 տարեկան եղած ըլլալով եւ գործի տէր նկատուելով, պատշաճ համարեցաւ ժողով առնել եպիսկոպոսաց վարդապետաց եւ հարց ( ԿԱԼ. 458), սակայն միշտ կը շարունակէր հօրեղբօրը թեւարկութեան եւ թելադրութեան ներքեւ գործել: Հարկաւ քառասուն օրի չափ միջոց մը պէտք եղած է, մինչեւ որ կոչնագիրներ ղրկուին եւ եպիսկոպոսներ ու վարդապետներ հաւաքուին, որչափ ալ իսկ եւ իսկ ժողովեալ ըսուած ըլլայ ( ԿԱԼ. 458): Իրաւ եկողներու մէջ հեռաւորներ չկան, եւ գրեթէ բոլոր Կիլիկիոյ կամ անոր շրջակայից մէջ եղող եպիսկոպոսներ են, սակայն անոնք ալ հարկաւ ատենի մը պէտք ունէին: Ներկաներուն ցուցակին մէջ կը գտնենք միայն 26 եպիսկոպոսներ, որոնցմէ 16-ը Կիլիկիայէն են. Կոստանդին Սսոյ, Յովհաննէս եւ Ստեփանոս Տարսոնի, թերեւս մէկը միւսին օգնական, Յովհաննէս Այասի, Ստեփանոս Բարձրբերդի, Բասիլիոս Կապանի, Գրիգորիոս Մարաշի, Թորոս Մաշկեւորի, Անդրէաս Հարքանի, Սիմէոն Կոպիտառի, Հայրապետ Ռորանի, եւ Նիկողայոս Կիպրոսի. երեք ալ կաթողիկոսարանի եպիսկոպոսներ, որոնցմէ Ստեփանոս դրան կաթողիկոսարանի կը կոչուի, Յակոբ քուերորդի կաթողիկոսի կ՚ըսուի, իսկ Գէորգ առանց ուրիշ անունի կը յիշուի: Հինգ ալ Կիլիկիոյ շրջակայից մէջ Իկոնիոնի սահմաններէն եկողներ էին, որոնք են. Կոստանդին Կեսարիոյ, նոյնիսկ Սիւնիք գացող պատուիրակը 1216), Ստեփանոս Սեբաստիոյ, Ներսէս Տիանայի, Վարդան Եւսոկիոյ եւ Լեւոն Ծամնդաւի, որով 21 եպիսկոպոսներ ամէնն ալ մէկ շրջանակի մարդիկներ են: Անոնցմէ դուրս եղողներն են, Յովհաննէս Մարանդունեաց, Կարապետ Մեծկերտի, Վարդան Անիի, եւ Փիլիպպոս Խորձեանի: Այս չորսերը Հայաստանի ներկայացուցիչներ պէտք է համարուէին, սակայն Մարանդունի գաւառ չունինք, միայն Մարանդ գիւղ մը կը գիտցուի, իսկ Անիի արքեպիսկոպոս ըսուածը, եթէ բուն Անիի արքեպիսկոպոսն ըլլար` 25-րդ տեղը չէր թողուեր: Իսկ Մեծկերտ եւ Խորձեան, այժմեան Մազկերտն ու Քղին, Արեւելեայց կեդրոնէն հեռու տեղեր են, եւ գուցէ հանդիպմամբ Սիս գտնուած են:

1231. ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ԹԻՒԸ

Յիշուած անունները յառաջ բերած ատեն Կալանոս լատիներէնին մէջ կը յայտարարէ թէ զայն բառ առ բառ քաղած է ամենահին օրինակէ եւ ըստ այսմ միայն 26 եպիսկոպոսներու անուններ կը յիշէ իբր ներկայ ( ԿԱԼ. 455), եւ չենք իմանար թէ ինչպէս վերջէն 36 եպիսկոպոսներու ցուցակ մը կու տայ, առանց տարբերութիւնը բացատրելու ( ԿԱԼ. 469): Այս երկրորդ ցուցակին մէջ Կիլիկեցիներէ կը պակսին Տարսոնի երկրորդը, եւ Այասի, Ռորանի ու Կիպրոսի եպիսկոպոսները, եւ աւելցուած են Ստեփանոս Ատանայի, Յովհաննէս Բերիոյ, Վարդան Մաշարդի, եւ Մարտիրոս Ուռթելի եպիսկոպոսներ: Շրջակայից եպիսկոպոսներէն կը պակսի Ծամնդաւի եպիսկոպոսը: Գաղթականութիւններէն կը յիշուի, Եսայի Թեսաղոնիկէի եպիսկոպոս մը: Իսկ աւելի մեծ տարբերութիւնը Հայաստանի եպիսկոպոսներուն մէջն է, որոնցմէ կը պակսին Մարանդունեաց եւ Անիի եպիսկոպոսները, եւ աւելցուած են 11 նոր անուններ, որոնք են. Սարգիս Եզնիկի` հաւանաբար Երզնկայի, Սահակ Բաբերդի, Տիրատուր Բասենի, Ներսէս Կամախի, Աւետիք Նփրկերտի, Վարդան Սասունի, Սերոբէ Ճապաղջուրի, Գրիգոր Վահանաշէնի, Հայրապետ Չմշկածագի, Կիրակոս Մեծակերտի դաշտին, եւ Շմաւոն Օծոպի եպիսկոպոսներ: Քանի որ ստոյգ բացատրութիւն չկայ, կրնանք ըսել, թէ պակաս եղողները չհաւանելով մեկնողներ են, իսկ աւելցուածներ` վերջէն հասնելով կամ ձեռնադրուելու գալով ստորագրելու պարտաւորուեր են: Սսոյ ժողովականներուն կարգին առեղծուածական անձ մը եղած է Յուսիկ եպիսկոպոս Ստինպոլայ ( ԿԱԼ. 459), զոր նորերէն շատեր համարձակօրէն իբր Կոստանդնուպոլսոյ եպիսկոպոս իմացած են ( ՉԱՄ. Գ. 309), սակայն Կոստանդնուպոլսոյ եպիսկոպոս մը` իր փառաւոր կոչումը աղաւաղ անունի մը չէր փոխեր հարկաւ` եւ Կոստանդնուպոլիսն ալ դեռ Օսմանեան սուլտաններէն գրաւուած չէր, որ Ստամպոլ անունը գործածական ըլլար: Ուստի քանի որ աղաւաղ անունի մը դիմաց կը գտնուինք, եւ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ Հայ եպիսկոպոսական աթոռ մը գտնուիլն ալ` բնաւ հաւանականութիւն չընծայեր, ոչինչ կ՚արգելու ըսել` որ Իսաւրիոյ Սելինիայի, կամ փոքր Ասիոյ Ստաւրոպոլի կամ Ստեփանուպոլի, կամ ուրիշ քաղաքի մը անունին չարաչար աղաւաղումին դիմաց կը գտնուինք:

1232. ՎԱՐԴԱՊԵՏՔ ԵՒ ԻՇԽԱՆՔ

Եպիսկոպոսներէն զատ վարդապետներու անուններ ալ ունինք ցուցակին մէջ, ամէնն ալ Կիլիկեցի վարդապետներ: Ասոնցմէ 10 հատը, պարզապէս իբր վարդապետ կը յիշուին իրենց ուսումնական առաւելութեան համար, ու են. Յովհաննէս Մեծքարեցի, դպրապետ կոչուած իբրեւ Դպրեվանքին ուսուցչապետ, Մարկոս Սկեւռացի, Վարդան Անարզաբացի, Գրիգոր Գերմաղբերցի, Գրիգոր Մեծքարեցի, Թորոս Կրակեցի, Վարդան Ակներցի, եւ Մարկոս կաթողիկոսարանի վարդապետ, ինչպէս պիտի ըլլան նաեւ, Գրիգորիս եւ անապատաւոր Կիրակոս` որ առանց տեղի անունի կը յիշուին: Վարդապետներէն 7 հատն ալ իբրեւ վանաց հայր կը յիշուին իրենց պաշտօնական առաւելութեան համար, բայց միւսներէն յետադաս: Ասոնք են. Սարգիս Ակների, Գրիգոր Թիւրքթիի, Բարսեղ Խորինի, Թորոս Մեծքարի, Կարապետ Մովսիսնոցի, Յովսէփ Քելեզականի, եւ Թորոս Չորոյվանքի: Ասոնցմէ ետքը կարգը կուգայ աշխարհական իշխաններուն, որոնց գլխաւորները միայն կը յիշուին, վերջէն աւելցնելով այլեւս իշխանք եւ ազատորդիք Հայոց: Անունով յիշուածներն են. Լեւոն թագաւոր, Հեթում թագաւորահայր, Օշին տէր Կապանի, եւ Ալինախ տէր Լամբրոնի ու Տարսոնի` Հեթումի եղբայրներ, Օշին տէր Կանչայ սպարապետ, Սմբատ տէր Ասկուռայ` մարաջախտ, Ռեմունդ տէր Միքայէլկուի` սէնէսչալ, Թորոս Զտիկ` թագաւորին դարպասին գլխաւոր, եւ Թորոս տէր Ճոֆէլկայի` պրաքսիմոս: Այս պալատականներէն զատ ներկայ եղած են Վասակ Բերդիկի, Սմբատ Սմբատակլայի, Օշին Կոպիտառի, Լիկոս Կիստռամի, եւ Լիկոս Կերաշնեցի բերդակալ իշխանները: Ամէնէն վերջը կու գայ բազմութիւն քահանայից եւ կրօնաւորաց, որոնց գլուխը յանուանէ կը յիշուի միայն Կոստանդին աւագերէց թագաւորին ( ԿԱԼ. 460): Այս է Սսոյ ժողովին կազմակերպութիւնը:

1233. ՍՍՈՅ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐԸ

Սսոյ ժողովը կը գումարուի Ծաղկազարդի օրը 1307 մարտ 19-ին, Սիսի Ս. Սոփիա եկեղեցւոյն մէջ, եւ միեւնոյն օրը կը վերջացնէ իր գործը, տօնական օր մը ըլլալով մէկտեղ: Այդ հապճեպ գործողութիւնը կ՚ապացուցանէ բռնուած ձեւը, վասն զի յայտնապէս գրուած է, թէ առջի եդեալ է արքայն զնամակ կաթողիկոսի, որպէս զի քննեսցի ճշմարտութեամբ, սակայն քննութիւն եղած չէ, եւ ըլլալն ալ ըսուած չէ, այլ ժողովականք փութացած են հպատակիլ, ինչպէս կը յայտարարեն, թէ զոր իբրեւ տեսեալ, ծանեաք արդարեւ, որպէս առաքելական կանոնադրութիւն եւ զօրէնս ( ԿԱԼ. 461): Սոսկ այդ պարագայն բաւական է ցուցնել թէ օրինաւոր ժողով մը չէ եղած Սսոյ գումարումը, այլ հանդիսական արարողութիւն մը, ուր թագաւոր մը եւ թագաւորահայր մը թուղթ մը կը դնեն մէջտեղ, եւ քանի մը եպիսկոպոսներ ու վարդապետներ առանց գլուխի եւ առանց կաթողիկոսի, հլու հպատակութեամբ կը ստորագրեն առջեւը դրուած թուղթը: Այս հնազանդ հաւանութեան զօրութեամբ կ՚որոշուի. 1. Զերկու բնութիւնս եւ զկամս եւ զներգործութիւնս ասել, պարզապէս այն պատճառով թէ այսպէս սահմանեաց զմեզ երանելի հայրն մեր` Գրիգոր Անաւարզեցին: 2. Ի տօնախմբութիւնս տէրունական տօնից համաձայն գտանիլ այլեւս քրիստոնէից, եւ յատկապէս ի յԱւետիսն, ի Ծնունդն, ի Մկրտութիւնն եւ ի Քառասնօրեայ գալուստն, որ է ըսել մարտ 25, դեկտեմբեր 25, յունուար 6 եւ փետրուար 2 օրերը ընդունիլ, ինչպէս նաեւ օգոստոսի 15-ին զօր Վերափոխման, եւ սեպտեմբեր 14-ին զԽաչավերացն: Ասոնցմէ զատ ուրիշ տօներ յիշուած չեն. իսկ փոփոխութեանց փաստ ցուցուած է, թէ այսպէս ուսոյց մեզ նոյն Անաւարզեցին: 3. Զի ըստ Յայսմաւուրցն զտօնս վկայիցն, որ է Հայ եկեղեցւոյ յատուկ եօթնեկական դրութեան ջնջումը: 4. Զի քահանայական զգեստն ըստ իւրաքանչիւր աստիճանի լիցի յեկեղեցին, որ է եկեղեցական զգեստներու կիրառութիւնը: 5. Զի ի զգեստս սրբոյ սեղանոյն լիցի գորբորայն անպատճառ, որ է Լատիններուն գործածած քառակուսի ճերմակ կտաւը, զոր սկիհին ներքեւ կը սփռեն, եւ սրբագործութենէ ետքը նշխարը անոր վրայ կը դնեն, մինչ Հայեր մազղմային մէջ կը պահեն մինչեւ վերջը: Գորբորայ (corporale) լատին բառը մարմնակալ կը թարգմանուի սովորաբար: 6. Ծննդեան շաբաթապահքը դեկտեմբեր 19-էն սկսիլ, որ 24-ին ճրագալոյցի օրը վերջանայ: 7. Ի ճրագալոյցն ձկամբ եւ ձէթով միայն բաւականանալ, որ է ըսել կաթեղէն ու կթեղէն չգործածել: 8. Ամէնէն վերջը կը դնեն զջրին բանն, զոր հրամայեաց խառնել ի սուրբ խորհուրդն ( ԿԱԼ. 461): Այսչափը որոշմանց կարգին. իսկ նախընթաց տեղեկագրութեան մէջ յիշուած է եւս, 9. Ընդունիլ զեօթն ժողովսն, եւ զառ ի նոսա հաստատեալսն ի սրբոց հարցն ( ԿԱԼ. 456), եւ 10. Սուրբ Աստուածն այսպէս ասել. Սուրբ Աստուած, սուրբ եւ հզօր, սուրբ եւ անմահ, Քրիստոս, որ խաչեցար վասն մեր ողորմեա մեզ ( ԿԱԼ. 457):

1234. ԺՈՂՈՎԻՆ ՆՊԱՏԱԿԸ

Վերոյիշեալ որոշումներէն իննին վրայ բնաւ ընդարձակ բացատրութիւն կամ պաշտպանողական փաստաբանութիւն աւելցած չէ եւ իբրեւ գլխաւոր համոզիչ փաստ, յիշուած է միայն, որպէս զի ընդ մեծի եկեղեցւոյն Հռոմայ եւ այլ ուղղափառ եկեղեցեացն Քրիստոսի, եւ Հայաստանեայցս եկեղեցի կալցէ հաղորդութիւն աւանդութեամբ եւ տօնիւք ( ԿԱԼ. 456): Որչափ ալ գլուխը Հռոմի հետ միաբանութիւնն է գրուած, բայց եւ այլ ուղղափառ եկեղեցեացն Քրիստոսի յաւելուածը, որով որթոդոքս, եւ ոչ թէ կաթոլիկ եկեղեցիներ կ՚իմացուին` հակառակ Կալանոսի թարգմանութեան բաւական բացայայտ կը ցուցնէ հայադաւան սկզբանց ներողամիտ եւ թոյլատու զգացումը, որով չեն վարանիր յունադաւան եկեղեցիներու հետ միութիւն ընդունիլ, երբ Հռոմ իբր հերձուածող եւ հերետիկոս կը նզովէր որթոդոքս եկեղեցիները: Հայերուն գլխաւոր նպատակն եղած էր եւ էր տակաւին, եկեղեցական կղզիացումէ հեռանալով, եւ ուրիշ եկեղեցիներու հետ միաբանելով, անոնցմէ քաղաքական եւ զինուորական օգնութիւն գտնել, քանի որ ժամանակին մոլեռանդ հոգին չէր ներեր արեւմտեան քրիստոնեաներուն որեւէ յարաբերութիւն պահել կամ օգնութիւն հասցնել, նոյնիսկ քրիստոնեաներուն, եթէ իրենց հետ դաւանութեամբ եւ ծէսով համաձայն չէին: Այդ դիտումն է զոր Հայեր կը մշակէին առաջ Պահլաւունի կաթողիկոսներու եւ բուն Ռուբինեան իշխաններու ժամանակ, խոհական եւ զգուշաւոր կերպով, այլ անոնց յաջորդող Պապեռոնեան կամ Կոռիկոսեան իշխաններու եւ կամակատար կաթողիկոսներու ժամանակ` գործը անխորհուրդ եւ անզգոյշ նախանձայուզութեան հասաւ, մինչեւ որ Լուսինեան իշխաններու ներքեւ կէս պաշտօնական ձեւի մը յանգելու մօտեցաւ: Իսկ Սսոյ ժողովոյն պաշտօնական որոշմանց մէջ, մինչ բոլոր ուրիշ կէտերը լոկ յիշատակութեամբ կը փակուին, բաժակին ջուր խառնելու կէտը ընդարձակ պատճառաբանութեանց առարկայ եղած է ( ԿԱԼ. 461-467), զոր անգամ մըն ալ վերլուծել աւելորդ կը սեպենք, վասնզի միեւնոյն վկայութիւններն 1204) եւ նոյն դիտողութիւններն են 1224), որոնք կը պարունակէին Հեթումի գրուած մտերմական թուղթին մէջ, զորս դարձեալ նոր ձեւով կրկնած է Անաւարզեցին Լեւոնի ուղղած պաշտօնական թուղթին մէջ, ինչպէս ժողովականք ալ կ՚ըսեն, թէ գտաք բովանդակեալ լիով ի նամակ սքանչելին հօրս մերոյ Գրիգորիսի ( ԿԱԼ. 467): Յիշեալ նամակն ալ այն է, զոր առաքեաց առ սուրբ եւ բարեպաշտ թագաւորն Լեւոն ( ԿԱԼ. 457), եւ ոչ այն զոր Հեթումի յղեց, որ երբեք իր մտերմական շրջանակէն դուրս չելաւ, եւ պաշտօնական գործողութեանց հիմ չեղաւ 1226):

1235. ԺՈՂՈՎԻՆ ԱՆԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ

Այժմ կը մնայ ակնարկ մը նետել 1307 տարւոյ Սիսի ժողովին վրայ, եւ Անոր զօրութիւնն ու հեղինակութիւնը ճշդել: Կալանոս այնպէս զմայլած է յիշել ժողովին արդիւնքովը, որ զայն միայն` իբր միակ հեղինակաւոր եւ վճռական ժողով կ՚ուզէ ցուցնել Հայոց համար, եւ անոր որոշմանց հպատակեցնել Հայոց եկեղեցին: Յաղթական պարծենկոտութեամբ մը կը հռչակէ, թէ ոչ ոք այսուհետեւ կարող լինիցի սնոտի բանիւք կամ խաբէական պատճառօք տկարացուցանել զաներկբայական զօրութիւն Սսոյ ժողովին այսորիկ, զի նա եղեւ Հայոց ընդհանուր սիւնհոդոս եւ մեծագոյն քան զայլս ամենայն, որք ժողովեցան ի Հայաստանս ( ԿԱԼ. 453): Սակայն չի հաստատեր թէ ինչով Հայոց եկեղեցւոյն բազմաթիւ ժողովները, որոնցմէ տասը հատը յիշած էին Սիւնեցիք 1218), մէկ Սիսի ժողովով կրնան ոչինչ համարուիլ, եւ Հայ եկեղեցւոյ հազար տարուան անփոփոխ դաւանութիւնն ու աւանդութիւնը կրնայ ջնջուիլ Սիսի մէջ գումարուած մէկ օրուան ժողովով մը, որ օրինաւորութեան պէտք եղած պայմաններէն ալ զուրկ էր: Իսկ մեծագոյն լինելուն իբր բացատրութիւն ժողովականներուն բազումք եղած ըլլալը կը դնէ հայերէնին մէջ, իսկ լատիներէնին մէջ ժողովականներուն եպիսկոպոսներով եւ վարդապետներով 56 եղած ըլլալը կը ճշդէ, որ իր տուած կրկին ցուցակներէն առաջինին կը պատասխանէ 1230): Սակայն պահ մը իր լատինական սկզբունքն ալ կը մոռնայ, որ եպիսկոպոսներէ զատ ուրիշներու վրայ որոշիչ ձայնի իրաւունք չի ճանչնար. եւ թիւը մեծ ցուցնելու համար 26 եպիսկոպոսներուն հետ կը խառնէ 30 վարդապետները եւ վանահայրները եւ իշխանները, իբրեւ հեղինակաւոր ժողովական: Աւելցնենք եւս, որ նոյն ինքն Կալանոսի երկու իրարու անյարմար ժողովականաց ցուցակ տալը ( ԿԱԼ. 458, 469) այնչափ նշանակելի թերութիւն մըն է, որ նոյնիսկ ժողովին գումարման վաւերականութիւնը կը վնասէ եւ հեղինակութիւնը կը կոտրէ: Կալանոս որպէս զի ժողովին ոյժ մը տայ հրամանաւ տեառն Գրիգորի կաթողիկոսի գումարուած կը մակագրէ ( ԿԱԼ. 465), սակայն Գրիգոր ժողով չհրաւիրեց, այլ Հեթումի եւ Լեւոնի միջնորդեց որ հրաւիրեն, եւ չհրաւիրած ինքն մեռաւ, եւ ժողովը պարզապէս թագաւորական հրամանով գումարուեցաւ, եւ ժողովականք ալ կ՚ընդունին թէ մեծ եւ քրիստոսասէր թագաւորն Լեւոն պատշաճ համարեցաւ ժողով առնել ( ԿԱԼ. 458): Ինքը Կալանոս ալ կը պարտաւորուի աւելցնել թէ ժողովը հրամանաւ Հայոց արքային Լեւոնի եղաւ ( ԿԱԼ. 455), եւ չանդրադառնար որ իր պաշտպանած լատինական սկզբունքը` օրինաւոր չընդունիր թագաւորական հրամանով գումարուած ժողովը, եւ եկեղեցական իշխանութիւն կը պահանջէ: Իսկ Սսոյ ժողովին գումարուած ատեն եկեղեցական իշխանութիւնն ալ կը պակսէր, եւ ժողովը կաթողիկոս նախագահ չունէր, վասնզի Կոստանդին Կեսարացին, որ առաջին կը ստորագրէ, լոկ եպիսկոպոս Կեսարու կերպարանէն աւելի բան մը չ՚առնէր, վրան ( ԿԱԼ. 459), եւ ոչ իսկ իբր տեղապահ կաթողիկոսական աթոռոյ կը ներկայանայ: Ուրեմն ոչ միայն մեծագոյն ժողով մը չէ, այլ եւ ոչ օրինաւոր եւ վաւերական ժողով մըն է, եւ պարզապէս անգլուխ եւ անկանոն համախմբութիւն մըն է, ուր թագաւորական ճնշման եւ ազդեցութեան ներքեւ քանի մը ժամուան մէջ, պարզ հանդիսական տօնախմբութեան ձեւով, առանց քննութեան եւ առանց վիճաբանութեան համակերպութիւն կը յայտնուի, որպէս զի ստորագրութեամբ մը ազատին եւ մեկնին, ետքէն ուզածնուն պէս վարուելու եւ վերաբերուելու համար:

1236. ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐ ՇԱՐԺՈՒՄ

Աննշանակ ձեւակերպութիւն եղած ըլլալուն մասին դիտողութիւննիս, պարզապէս մեր մտածմունքը չէ, զի նոյն ատեն ձայն բարձրացուցին Արեւելեան աթոռները, որոնց բերնով կը գրէ Մովսէս Երզընկացի վարդապետը, որ Կիլիկեցւոց գրոյն մէջ կարդալով թէ բազմութիւն ժողովեցան, կը բողոքէ. Սուտ ասէ, կը գրէ, զի սակաւք էին եւ ոչ բազումք, եւ դարձեալ թէ պարտ էր յամենայն Հայաստանեայս առաքել եւ ժողովել, եւ անկէ ետքը ընդունիլ, եթէ ամենեքեան հաւանեալ էին: Ոflր իրաւունք է այդ, կը գրէ Մովսէս զայրացկոտ շեշտով ինքնահաճոյ մտաց ախորժակօք գրել, եւ գրածնին առ ամենեքեան առաքել թէ` ընկալարուք ( ՍԱՄ. 298): Ահա թէ ինչ դատաստան ըրած են ժամանակակիցները Սսոյ ժողովին նկատմամբ: Քանի մը Կիլիկեցի եպիսկոպոսներ, հապճէպ գումարուած, առանց կաթողիկոսի, քանի մը ժամուան մէջ որոշում կու տան: Հայոց եկեղեցւոյ եպիսկոպոսութեան մեծ կէսը ոչ կը հրաւիրուի եւ ոչ կը մասնակցի, ոչ ոք Սիւնիքէն, ոչ ոք Վասպուրականէն, ոչ ոք Տարոնէն, եւ միայն չորս աննշան ներկաներ, որոնց երկուքն ալ ստորագրութիւն տալէ կը խուսափեն: Արդէն դիտեցինք` թէ երկրորդ ցուցակին մէջ աւելցուած անունները իբրեւ ներկայ հնար չէ ընդունիլ 1231), թող որ եթէ ընդունինք ալ, գլխաւոր եպիսկոպոսներ չեն անոնք, ոչ Յովհաննէս Օրբելեանը Սիւնիքի կողմէ, եւ ոչ ալ Զաքարիա Ծործորեցին, որ այնչափ միտեալ էր Անաւարզեցիին կողմը 1223): Մովսէս Երզնկացի կը վկայէ եւս, թէ նոյն ինքն ի տեղին բազումք հակառակեցան, ինչ որ ներկաներէն ոմանց ստորագրութեանց մէջ չգտնուելուն առիթով դիտեցինք, եւ կը յաւելու թէ դեռ տակաւին եւս հակառակին, եւ տրուած որոշումին մասին կը հետեւցնէ, թէ ոչ է ճշմարիտ, այլ սուտ է ( ՍԱՄ. 298): Հետեւապէս Կալանոսի խրոխտանքին հետ անհիմն կը դառնան, ուրիշ հռոմէադաւաններու տեսութիւններն ալ, որ Սիսի Ս. Սոփիա եկեղեցւոյն մէջ 1307 մարտ 19-ին գումարուած ժողովին հեղինակաւոր ժողովի արժէքը կու տան, եւ անկէ Հայադաւան եկեղեցւոյն հռոմէադաւանութեան անցած ըլլալուն եզրակացութիւնը կը քաղեն ( ՉԱՄ. Գ. 310): Այո' կրցան թագաւորն ու թագաւորահայրը իրենց իշխանական եւ արտաքին ազդեցութեամբ եւ յուսադիր հրապոյրներով` քանի մը եպիսկոպոսներէ այս տեսակ ստորագրութիւն մը կորզել, բայց Հայ եկեղեցւոյ դրութիւնը անով չփոխուեցաւ: Նոյն իսկ ստորագրողներն ալ տեղերնին դառնալէն ետքը գործադրութեան չձեռնարկեցին ( ՉԱՄ. Գ. 311), եւ յայտնապէս իսկ մերժեցին ( ՄՈՎ. 221): Մենք պէտք չենք զգար ուրանալ գրուածին վաւերականութիւնը, եւ երկբայիլ թէ Անաւարզեցին իսկապէս գրած ըլլայ իրեն վերագրուած նամակները, ինչպէս կասկածողներ եղան ( ՉԱՄ. Ա. 257), որովհետեւ շատ յստակ են պատմական կապակցութիւնները, եւ ոչ ալ անկէ հետեւանք մը կրնայ քաղուիլ, քանի որ ինքն Անաւարզեցին հռոմէականութեան հակամէտ մը եղաւ, բայց պաշտօնապէս հռոմէական չեղաւ 1229): Սսոյ ժողովը գումարուեցաւ եւ փակուեցաւ միեւնոյն օրը, 1307 մարտ 19-ին, իսկ չորս օր ետքը, մարտ 23-ին, աւագ հինգշաբթի օր ընտրողական նիստ ըրաւ, եւ նոր կաթողիկոսը ընտրեց ու հաստատեց ( ԿԱԼ. 452), բայց մենք այդ ընտրութեան չանցած, պէտք է խօսինք Անաւարզեցիին ժամանակակիցներուն վրայ, որոնց գործերը պատմութեան ընդհանուր եղելութեանց հետ կապ չունէին:

1237. ԱՐՔԱՅԱԶՈՒՆ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆՔ

Կիլիկիոյ արքայազուն եկեղեցականաց կարգին յիշենք նախ Հեթում Ա. թագաւորին կրտսեր եղբայր Յովհաննէս եպիսկոպոսը, որ Գռների վանքին առաջնորդ եղաւ, եւ արքայ-եղբայր եւ րաբուն կոչումները ինքն ալ իբրեւ մակդիր անուն կը գործածէ ( ՀԱՅ. 486): Մեծ գործունէութիւն ունեցած չ՚երեւիր, բայց ուսումնասէր եւ գրասէր եղած ըլլալուն նշաններ են իրեն համար գրել տուած գիրքերը, որոնց վերջինը 1287 թուականն ունի ( ՀԱՅ. 490): Իսկ գրական կարողութեանն ալ նմոյշ պէտք է ընդունուի իր թագաւոր եղբօր նուիրած ոտանաւոր դրուագը ( ՀԱՅ. 490): Մահը տեղի ունեցած է 1289-ին ( ՍԻՍ. 556): Հեթում Ա. իրմէ մեծ եկեղեցական եղբայր մըն ալ ունեցած էր, Սիսի արքեպիսկոպոս եւ Դրազարկի առաջնորդ Բարսեղը 1105), որ վախճանեցաւ 1275 ( ՍԻՍ. 233) ապրիլ 19-ին ( ՅԱՍ. Ա. 175): Հեթում Բ ալ եկեղեցական եղբայր մը ունեցաւ, Ներսէսը 1214), որ լոկ քահանայ կոչումով կը յիշուի, ոչ զի ամուսնացեալ եկեղեցականութեան կը պատկանէր, այլ զի հազիւ նոր քահանայացած 22 տարեկան վախճանեցաւ 1301 մայիս 26-ին ( ՍԻՍ. 557), կամ մայիս 7-ին ( ՅԱՍ. Ա. 205), քաջ երաժիշտի համբաւով, եւ հաւանաբար Արքակաղին վանքի միաբան եղած ( ՍԻՍ. 517): Արքայական տոհմէն եւ նաեւ Հեթում պատմիչը, իշխան Կոռիկոսի, եւ Հեթում Ա-ի Օշին եղբօրը որդին, որ աշխարհի կեանք վարեց, եւ զինուորական բարձր դիրք եւ արդիւնքներ ալ ունեցաւ: Գրական ախորժակով եւ կարողութեամբ ալ ճոխացած, թէ իրեն համար յատուկ գիրքեր պատրաստել տուաւ, զորօրինակ տոմար մը 1287-ին, եւ բժշկարան մը 1294-ին, այլ եւ ինքն ժամանակագրութիւն մը պատրաստեց 1076-է 1296 միջոցին համար կատարեալ աշխարհաբար լեզուով ( ՀԵԹ. 97-85): Կրօնաւորութեան փափաք մըն ալ կանուխէն ծագած էր սիրտին մէջ, բայց վասն դժուարին անցից թագաւորութեան չէր ուզեր սպարապետութեան գործը լքանել, մինչեւ որ 1305-ի յաղթութենէն ետքը, յարմար միջոց գտնելով, եւ որդին Օշինը իր տեղը անցընելով` Կիպրոս անցաւ, եւ Պրեմոնստրատեանց (Praemonstratenses) լատին միաբանութեան մէջ մտաւ ( ՀԵԹ. 67), որ Օգոստինեան կրօնաւորներու մէկ նոր ճիւղն էր 1120-ին կազմուած, եւ բաւական ծաղկած կացութիւն էր ստացած: Պրեմոնստրատեանց սքեմը ամբողջ ճերմակ էր, եւ այս հագուստով նկարուած կը տեսնուի Հեթում Փարիզի մեծ մատենադարանին մէջ պահուած գրչագիրի մը վրայ: Հեթում սքեմին հետ Անտոն անուն ալ առած էր ( ՍԻՍ. 340): Միւս տարին Հռոմ գնաց ուխտի նպատակով, ուստից 1307-ին Աւինիոն անցաւ Կղեմէս Ե պապի հրաւէրով, եւ անոր յանձնարարութեամբ Թաթարաց պատմութիւն մը գրեց, ու Ֆուլկոն անուն անձի մը օգնութեամբ գաղղիերէնի վերածեց, որ շուտով լատիներէնի ալ թարգմանուեցաւ, վերջերս հայերէն հրատարակուեցաւ: Իսկ Հեթումի հայերէն բնագիրը դեռ գտնուած չէ ( ՍԻՍ. 338): Մահուան թուականն ու տեղը յայտնի չեն, միայն կը գիտցուի թէ Գաղղիոյ Պիկտաւիա (Poitiers) քաղաքի վանքը կը բնակէր: Յայտնութեան մեկնութիւն մը եւ ուրիշ եւ եկեղեցական գրուածներ ալ ունեցած ըլլալը կը զրուցուի ( ՍԻՍ. 339):

1238. ՄԱՏԵՆԱԳԻՐ ՎԱՐԴԱՊԵՏՆԵՐ

Ժամանակիս Կիլիկեցի վարդապետներուն մէջ առաջին տեղը պէտք է ընծայել Գէորգ Սկեւռացիին, այսպէս կոչուած իր միաբանութեան վանքէն. բայց Սկեւռայէն շատ Գէորգ վարդապետներ ելած ըլլալուն ( ՀԻՆ. 708), սա ստէպ Լամբրոնացի կը կոչուի իր ծննդավայրին անունով: Ուսման համար Արեւելեան վանքերը շրջելէն ետքը Սկեւռայ վանքը հաստատուեցաւ, եւ գրական երկասիրութեանց հետեւեցաւ, որոնց մէջ գլխաւոր են Արուեստ գրչութեան գործը` Արիստակէս հռետորի հետեւողութեամբ, եւ Եսայիի մեկնութիւնը Հեթում Բ-ի խնդրանօք գրուած: Ունի եւ Գործոց մեկնութիւն մը եւ զանազան ճառեր: Մահը տեղի ունեցած է 1301 յունուար 11-ին չորեքշաբթի օր, եւ իրեն վրայ շատ փայլուն յիշատակարան մը եւ տաղաչափեալ ողբ մը գրած է, իր աշակերտներէն Մովսէս Սկեւռացի ( ՀԱՅ. 504): Գէորգի քեռին էր Գրիգոր Սկեւռացի, սա ալ Լամբրոնացի եւս կոչուած ծննդավայրէն առնելով, զոր յիշեցինք Լեւոն Բ թագաւորի մահուան պահուն քովը գտնուելուն առիթով 1096): Գրիգոր ալ գրած է ճառեր եւ մեկնութիւններ ( ՀԻՆ. 716) եւ Յովհաննու Կարապետի Արեգականն շարականը ( ՏԱԹ. 638), բայց իր մահուան թուականը որոշ չէ: Սկեւռացւոց հետ պէտք է յիշուի Ստեփանոս քահանայ Գոյներիցանց, որ եթէ հեղինակ մը չէ, բայց հեղինակներու գործերուն ճարտար եւ ուղղագիր եւ անխոնջ ընդօրինակող մըն է, եւ իր յիշատակարանով մնացած գրչագիրներ բազմաթիւ են ( ՀԱՅ. 503), այնպէս որ անտեղի պիտի չըլլար կարծել, թէ ընդօրինակութեան գործատունի մը գլուխն էր: Ինքն եղած է Գէորգ Լամբրոնացին Արուեստ գրչութեան գիրքը գրելու յորդորողը: Յովհաննէս Պլուզ վարդապետ մըն ալ կը յիշուի 1293 տարին, որ թէպէտ միայն մէկ համառօտ ոտանաւորով ծանօթ ( ՍԻՍ. 154), սակայն նմոյշը իրաւունք կու տայ արդիւնաւոր մէկը ճանչնալ զինքն: Յիշենք եւ Մովսէս Երզնկացի վարդապետը, որուն անունը արդէն անգամ մը տուինք Սսոյ ժողովին մասին ըրած քննադատութեան առիթով 1236): Երզնկացի մականունը առած է սովորաբար, թէպէտ բնիկ Դարանաղեաց Անի քաղաքէն էր, որ է այժմեան Կամախը. Ներսէս քահանայի մը զաւակ, եւ ազգաւ մեծատոհմ եւ երեւելի: Զօրաւոր ախոյեան մը եղաւ հայադաւան ուղղութեան երեք ժողովներու հիման վրայ հաստատուած, Ոսկեփորիկ գիրք մը, եւ Պատարագի մեկնութիւն մը, եւ շատ թուղթեր ու ճառեր գրեց, եւ պայծառացուց Սեպուհի վանքերը: Կեանքը երկարեցաւ մինչեւ ի խորին հասեալ ծերութիւն ( ՀԱՅ. 508), եւ վախճանեցաւ 1323-ին ինչպէս կը դնէ Անեցիին շարունակողը ( ՍԱՄ. 167), եւ ամսաթիւով մայիս 28-ին, Ելն ի վիրապէ տօնին ( ՀԱՅ. 509): Մովսէսի պէս վերի յիշուած վարդապետներն ալ, Անաւարզեցիին ծրագիրին պաշտպաններէն չեղան, թէպէտ ոչ ամէնքը Մովսէսի համարձակ դիմադրութիւնն ունեցան:

1239. ՆԵՐՍԷՍ ՄԵԾԻ ՆՇԽԱՐՔԸ

Նշանաւորագոյն է ժամանակակիցներուն մէջէն Յովհաննէս Երզնկացի վարդապետը, իր գրիչին ներքեւ Երզնկայեցի գրուած, Երզնկա ծնած շուրջ 1250-ին: Երզնկացին կոչուած է եւս Ծործորեցի, երկար ատեն Արտաղ գաւառի Ծործորի վանքին մէջ ապրած ըլլալուն համար, Քաղցրիկ` իր գրած ներդաշնակ երգերուն ու շարականներուն համար, Պլուզ` ըստ ոմանց կապոյտ աչուի ըլլալուն ( ՉԱՄ. Դ. 271), բայց աւելի հաւանաբար մանրուկ եւ կարճահասակ ըլլալուն համար ( ՀԱՅ. 514), եւ Մաշածին` ( ՀԱՅ. 513) որուն ոչ միայն պատճառը, այլ եւ իմաստն ալ անծանօթ կը մնայ: Առաջին ուսմունքն Սեպուհի վանքերը առնելով, լրումը ստացաւ Վարդան վարդապետի մօտ Կայէնի վանքը 1141), ուսկից նորէն իր հայրենիքը դարձաւ: Ս. Ներսէս Պարթեւ հայրապետին նշխարաց յայտնուիլը, Երզնակացիին առաջին անգամ փայլելու առիթը ընծայեց, եւ այս առիթով գրեց գիւտին պատմութիւնը, եւ սրբոյն պատուոյն ներբողեան մը ( ՍՈՓ. Է. ) եւ գեղեցիկ շարական մը ( ՇԱՐ. 434): Այդ գիւտին պատմութիւնը անցողակի միայն յիշած ենք Ներսէսի մահուան առթիւ 155), եւ աւելորդ չենք սեպեր քանի մը խօսք եւս աւելցնել: Եկեղեաց Թիլ աւանը, ուր էր Ներսէսի գերեզմանը 155), աւրուած էր զանազան արկածներու երեսէն եւ գերեզմանի տեղն ալ անյայտացած, բայց վանք մը կը մնար այնտեղ: Պատուական անուն սարկաւագի մը, յունուար 26 հինգշաբթի օր մը, առաջին անգամ տեսիլքի մէջ գերեզմանին տեղը կը ցուցուի ( ՍՈՓ. Է. 47), յաջորդ գիշերը յորում ուրբաթ լուսանայր ( ՍՈՓ. Է. 48) տեսիլքը կը կրկնուի, եւ երբ վանականներուն կը հաղորդէ, կ՚որոշեն երրորդ տեսիլքի սպասել, ինչ որ տեղի կ՚ունենայ միւս գիշեր, յորում միաշաբաթ լուսանայր ( ՍՈՓ. Է. 49): Ասոր վրայ Թիլայ վանքին առաջնորդ Ներսէս վարդապետ կը դիմէ Երզնկայի արքեպիսկոպոս Սարգիսի, որոյ որդին Յովհաննէս քաղաքին իշխանն էր, եւ ցուցուած տեղը բացուելով Ներսէս Մեծի ամբողջ մարմինը կը գտնուի կրամած քարիւ ծածկուած, բազմեալ յաթոռ ձեւի մէջ ( ՍՈՓ. Է. 52), օրն էր` մուտ փետրուարի ամսոյ ( ՍՈՓ. Է. 5): Սարգիս եպիսկոպոս մեծ հանդէսով նշխարքները ամփոփել կու տայ Տիրաշէնի վանքը, աջը առանձին քաղաքին եկեղեցին կը դնէ, եւ գլուխը ժողովուրդին բարեպաշտութեան կը թողու, յատուկ եւ հարուստ մասնատուփեր ալ պատրաստել տալով: Այդ գիւտին թուական ցուցուած է Քրիստոսի ծնունդէն 1275 տարի, Լուսաւորիչէ 968, Ներսէսի մահէն 872 ( ՍՈՓ. Է. 45), եւ Արշակունեաց իյնալէն 824 ( ՍՈՓ. Է. 39), Հայոց թուական 721, Յակոբ Կլայեցի կաթողիկոսին, եւ Լեւոն Հեթումեան թագաւորին օրով ( ՍՈՓ. Է. 45): Բայց այս թուականները դժուարաւ կրնար իրարու հետ համեմատուիլ, ինչ որ հին ժամանակագրութեանց անճշդութեան հետեւանքն է: Քրիստոսի 1275 տարին, Հայոց 724-ին եւ ոչ 721-ին կը համապատասխանէ, եւ յունուար 26 հինգշաբթի մը` 1273-ին կը հանդիպի, որով փետրուար 1, գիւտի օրն ալ չորեքշաբթի կ՚իյնայ: Թէպէտեւ այս տարբերութիւններէն մին կամ միւսը նախադասելու զօրաւոր պատճառներ կը պակսին, բայց յարմարագոյն կը սեպէինք 1273 թուականը ընդունիլ, երբ Երզնկացին դեռ նորահաս երիտասարդ էր շուրջ 23 տարեկան: Երզնկայի Սարգիս եպիսկոպոսի մը անունը 1307 տարւոյ ժողովին յաւելուածական ցուցակին կարգը անցած է 1177), սակայն նա վերոյիշեալ Սարգիսը չի կրնար ըլլալ, որ որդւոյն Յովհաննէս իշխանին հետ 1276-ին անպարտ մահուամբ սպանուած են ( ՀԻՆ. 756):

1240. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԵՐԶՆԿԱՑԻ

Յովհաննէս Երզնկացիի գործունէութեան դառնալով, 1280-ին ատենները Երզնկայի վանքերուն համար կանոնք եւ սահմանք կը պատրաստէ, 1281-ին Երուսաղէմ ուխտի կ՚երթայ, դարձին Յակոբ Կլայեցի կաթողիկոսին կ՚այցելէ Հռոմկլայ, զոր կը կոչէ հեղինակ հոգւոց եւ հանճարոյ իմաստութեամբ, վարժ աստուածաշունչ գրոց, աննախանձաբար սիրող եւ պատուող ուսումնասիրաց ( ԵՐԶ. ): Երզնկացի այնտեղ կը մնայ իբր ուսումնարանին վերակացու, եւ կաթողիկոսին հրամանով կը սկսի պատրաստել իր մեծ երկասիրութիւնը, որ է Մեկնութիւն քերականի ( ՀԱՅ. 509), որ հայերէն լեզուի վրայ նշանաւորագոյն աշխատութիւնն է: Սակայն լրումը 1293-ին է եղած ( ՍԻՍ. 549): Սիսի մէջ յատուկ ատենաբանութիւն մըն ալ խօսած է 1284-ին, Հեթում ու Թորոս արքայորդիներուն ասպետական աստիճան բարձրացած օրը ( ՀԻՆ. 757): Միեւնոյն տարին եղած է Տփղիս ( ՀԱՅ. 512), ուր պատրաստած է Յաղագս երկնային շարժմանց գիրքը, Վախթանկ Ումեկեան իշխանազունին խնդրանքով եւ Յովհաննէս եպիսկոպոսի մը յորդորներով ( ՀԻՆ. 761): Որոշ չենք գիտեր թէ երբ Տփղիսէ Արտաղ անցաւ Զաքարիա Ծործորեցիի մօտ, եւ թէ ուր տեղեր պտտեցաւ մէկ տեղէն միւսը անցած ատեն, միայն գիտենք, թէ երկար տեւեց Ծործորի վանքը մնալը, Ծործորեցի մականունը ստանալու չափ: Այն տեղ էր 1307-ին Սսոյ ժողովին ատենը, բայց ոչ Զաքարիա եւ ոչ Յովհաննէս չեն ուզած Սիս գալ, որչափ ալ Զաքարիա համակիր մըն էր Անաւարզեցիի ծրագիրին, եւ Յովհաննէս ալ հետամուտ էր Արեւմուտքէ եկող ուսումնական առաւելութեանց ծանօթանալ, եւ անոնցմով զարգանալ, Ծործորի մէջ գրած է 1316-ին ( ՀԱՅ. 513) Մատթէոսի աւետարանին մեկնութիւնը, զոր պատրաստած է իբր շարունակութիւն եւ լրումն Շնորհալիին թերի թողած աշխատութեան 988), իսկ թերի մնալուն պատճառը ինքն Երզնկացին ալ չէ գտած ( ՀԱՅ. 512): Մեր տեսութեամբ հաւանական չէ, որ Երզնկացին 1309-ին Ատանայի ժողովին եկած ըլլայ, ինչպէս իր կարգին դիտել պիտի տանք: Երզնկացիին ուսումնատենչ փափաքը զինքն մօտեցուց Դոմինիկեան լատին կրօնաւորներուն ալ, որոնք սկսած էին տարածուիլ Հայաստանի մէջ, եւ 1318-ին եպիսկոպոսներ եւ եպիսկոպոսարաններ ալ ունենալ սկսած էին: Երզնկացիին կը վերագրուի` միջնադարեան լատին աստուածաբաններուն նահապետը սեպուած Թովմաս Ակուինացիին գործերէն մէկ մասին լատիներէնէ հայերէնի թարգմանութիւնը ( ՀԻՆ. 758): Երզնկացիի կեանքը մինչեւ 1326 երկարաձգուեցաւ հաւանաբար ( ՀԻՆ. 754), սակայն շարունակ Ծործորի մէջ մնացած պիտի չըլլայ: Ժողովրդական աւանդութիւն մը անոր անունը կը կցէ 1319 տարւոյ մեծ երկրաշարժին, որուն մէջ Անի ալ մեծապէս վնասուեցաւ, թէպէտ տակաւին անբնակ չլքուեցաւ ( ԵՓՐ. Ա. 182): Զրոյցը կը պատմէ թէ Երզնկացին Անի եկած էր ապաշխարութիւն քարոզելու, իսկ քաղաքացիք կը ծաղրէին զայն, նոյնիսկ եկեղեցականներ յետին տեղին կու տային եկեղեցւոյ մէջ, եւ բարձր գրակալ կը դնէին առջեւը, մինչ նա կարճահասակ էր: Երբոր ժողովուրդը իր խէնէշ կեանքէն չէր դադարեր, մահ սաստիկ եւ գազաններու վոհմակներ ժողովուրդը կը կոտորէին, որոնցմէ ազդուելով ժողովուրդը զղջումի կու գար: Բայց երեք տարիէն նորէն առջի անառակութեանց կը դառնար: Երզնկացին նորէն կու գայ ապաշխարութիւն քարոզելու, բայց Անեցիք վերահաս չարիքներու պատճառ նկատելով զայն, թմբրադեղով կը մարեցնեն, եւ մերկացնելով քաղաքին մէջ կը պտտցնեն եւ զամբիւղի մէջ դնելով աւագ եկեղեցւոյ դուռը կը կախեն, մինչեւ սթափի, ուսկից ետքը բրածեծ արարեալ կ՚աքսորեն, սպառնալով որ չդառնայ: Ասոր վրայ Երզնկացին բարձր բլուր մը ելլելով քաղաքը անիծած կ՚ըլլայ, եւ իսկոյն երկրաշարժը կը սկսի ( ՀԱՅ. 515): Որչափ եւ պարզ զրոյց մը, բայց հարկ սեպեցինք յառաջ բերել իբրեւ ժամանակին զգացումներուն նմոյշ: Ընդհակառակն Երզնկացիին ներող ու հեզ հոգին յայտնի կը լինի անով, որ ուրիշներ իրենց յիշատակարաններուն մէջ անէծքներ եւ նզովքներ կը գրեն, նա կը բաւականանայ ըսել. Որ ծուլանայ եւ թողու, ոչ լիցի առանց պատժոց, ( ՀԱՅ. 512): Երզնկացին սովորաբար Ծործորի վանքը մեռած եւ թաղուած կը կարծուէր, այլ Սրուանձտեան անոր գերեզմանաքարը տեսեր է Երզնկայի Ս. Նշան եկեղեցին, առաջնորդական աթոռին ներքեւ ( ԹՈՐ. Բ. 50):

1241. ԵՍԱՅԻ ՆՉԵՑԻ

Երզնկացիին ոչ միայն ժամանակակից, այլ եւ կրտսեր աշակերտակից եղած է Եսայի Նչեցի վարդապետը, եւ Վարդան վարդապետի մահուընէ ետքը զարգացած է Ներսէս Տարոնեցի վարդապետին մօտ, որ Մշոյ Առաքելոց կամ Ղազարու վանքը հաստատուած էր: Եսայի Սասունցի էր Նիչ աւանէն, եւ Տարոնոյ մէջ Ներսէսի մօտ զարգանալէն ետքը` նորէն դարձաւ Սիւնիքի կողմերը, եւ հաստատուեցաւ Գայլեձորի վանքը, եւ մեծ համբաւ ստացաւ իբրեւ վարդապետաց վարդապետ, այնպէս որ մինչեւ 363 կը հանեն իրեն հասուցած աշակերտներուն թիւը ( ՉԱՄ. Գ. 316): Նչեցին ալ գրեց քերականի եւ մարգարէութեանց մեկնութիւններ, ինչ որ ժամանակին վարդապետներուն գլխաւոր նիւթն էր իրենց գլխաւոր աշխատութեանց համար: Այդ ատենները տակաւին կ՚ընդարձակուէր Դոմինիկեան լատին կրօնաւորներուն ազդեցութիւնը Հայաստանի մէջ, որ օտար լեզուի հետ Արեւելքի անծանօթ դպրոցական ուսմանց ասպարէզը կը բանային Հայերուն առջեւ, եւ ասոնք ալ իրենց բնական անյագ տենչանքով համարձակ կը մտնէին որեւէ զարգացման օգնող դուռնէն ներս, նոյնիսկ շատ անգամ առանց դիտելու թէ ուր պիտի տանէր զիրենք ընդգրկած ճամբանին: Ասկէ ծագեցաւ Լատինաց հետ միաբանելու հոսանքը, որ աւելի լատին բառերով կը յիշուի պատմութեան մէջ, Ունիթոր (Unitor) եւ Ունիթորութիւն անուններով: Լատիններ նախապէս հաստատուած էին Պարսկահայոց սահմանները, իրենց կեդրոն ունենալով Սուլտանիա քաղաքը, եւ անտի հետզհետէ յառաջացած դէպ հիւսիս, եւ իրենց կեդրոն ըրին Նախիջեւանը, Սիւնիքի Ջահուկ գաւառը, ուսկից ծագեցաւ ունիթորական Հայերու Ջահկեցի անունը: Անաւարզեցիին ժամանակը տակաւին այնչափ զօրացած չէր ունիթորական շարժումը Արեւելքի մէջ, թէպէտեւ սկսած էր լատինական գործունէութիւնը:

1242. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՕՐԲԵԼԵԱՆ

Այստեղ պէտք էր առանձինն խօսիլ Ստեփանոս Օրբելեան մետրապոլիտին վրայ, որ դարուս նշանաւորագոյն դէմքերէն մին եղաւ, սակայն պատմութեան կարգին հետզհետէ առջեւ բերինք անոր գործունէութիւնը ու կեանքը, եւ պէտք չի մնար նորէն անդրադառնալ: Իր գլխաւոր երկասիրութիւնն է Պատմութիւն նահանգին կամ Տանն Սիսական, որուն մէջ վիճակագրական տեղեկութիւններ ալ խառնած է: Շինարար եպիսկոպոս մըն ալ եղած է` Սիւնեաց վանքերն ու եկեղեցիները ծաղկեցնելով, զորս ինքն իսկ կը նկարագրէ ( ՕՐԲ. Բ. 231-245), եւ որոնց գլխաւորներն են, Տաթեւի երրորդ շինութիւնը, Նորավանքին նուիրած Դլենայ խաչը, Ծակուտքարի կալուածը, Չուայ գիւղը, եւ Արատեսի վանքին ընծայուած թեմերը: Իր նուէրները յափշտակողներուն կարդացուած անէծքներուն մէջ նկատողութեան արժանի են այլազգիներուն մասին ըսուածները, որ Եթէ Տաճիկ իշխանութիւն փոխի, եւ նա նենգել եւ բռնաբարել խորհի, յԱստուծոյ եւ յիւր Մահմէտէն ապիզար լիցի, եւ իւր հալալն հարամ եղիցի. եւ հարիւր հազար նալաթ ի վերայ նորա ազգի նորա եւ զաւակաց նորա եւ եղիցի ( ՕՐԲ. Բ. 240): Օրբելեանի մահուան պարագաները չեն յիշուած պատմութեանց մէջ 1221):

1243. ԳՐԻԳՈՐ ԲԱԼՈՒԵՑԻ

Այդ միջոցին նահատակուած նոր վկաներէն է Գրիգոր Բալուեցի վարդապետը, որ առաջ ամուսնացեալ քահանայ է եղած, բայց երկու տարիէ այրի մնալով` կ՚երթայ աշակերտիլ Վարդան վարդապետի մօտ Խորվիրապի եւ Կայէնի վանքերը, եւ վեց տարի ետքը վարդապետական գաւազան ստանալով, Բալու կը դառնայ, եւ Ս. Յակոբի վանքը հաստատելով քաղաքին եւ շրջակայից մէջ քարոզութեամբ կը զբաղի, ընդհանուր յարգանքի արժանանալով: Գրիգոր Խարբերդ կը գտնուէր 1289-ին, երբ քաղաքը Եգիպտացիներէն յարձակում կրեց, ու քաղաքին Խաբանդ իշխանին եղբայրը գերի տարուեցաւ: Իշխանը իր խորհրդակիցներով մտածեց քրիստոնեաները բռնադատելով եղբօրը փրկանքը անոնցմէ հաւաքել: Այս նպատակով շուն մը սպաննել կու տայ, եւ մզկիթին դուռը կը կախէ ու քրիստոնեաները ամբաստանելով կը ձերբակալէ վարդապետն ու 45 այր պատուաւոր ի քաղաքէն ( ՆՈՐ. 119): Ասոր վրայ կը սկսին բռնադատութիւններ, որոնք իսլամութիւն ընդունելու պայմանին կը յանգին: Վարդապետը համարձակօրէն կ՚ընդդիմանայ, սպառնալիքները կ՚անարգէ, այս պատճառով գանակոծութեամբ կը փորձուի, եւ 300 հարուածներու կը տոկայ: Իրեն հետ բրածեծ կ՚ըլլան իր երկու աշակերտները Սիմէոն ու Կիրակոս, իբր վարդապետին գործակիցներ եւ հարուածներու ներքեւ կը մեռնին: Կ՚ուզեն միւս բանտարկեալներն ալ տանջել, այլ Թաթխարա անուն զօրապետը դէմ կը դնէ եւ կ՚ազատէ, իսկ վարդապետը քարկոծմամբ կը նահատակուի խառնիճաղանճին ձեռքով: Նահատակութեան օրը նշանակուած է 1290 փետրուար 10 ուրբաթ, եւ Հայոց 739 հոռի 4 շարժական տոմարով, որ ուղիղ կը պատասխանէ. միայն թէ այդ ամսաթիւերը կը պատասխանեն ուրբաթ օրուան, յորում Գրիգոր նահատակուեցաւ, եւ ոչ յաջորդ շաբաթ օրուան յորում մարմնոյն վրայ լոյս է տեսնուած ( ՆՈՐ. 117): Նոյնպէս ուղիղ չի գար յիշեալ շաբաթ օրուան համար ի տօնի սրբոյն Սարգիսի ըսուիլը, վասնզի 1290 փետրուար 11 շաբաթ օր Կոստանդնուպոլսոյ ժողովին տօնը կը հանդիպի, եւ ոչ Ս. Սարգիսի: Կ՚երեւի թէ շփոթը յառաջ եկած է Ս. Սարգիսի պահքին չորեքշաբթի օրը բանտարկուելէն ( ՆՈՐ. 110), եւ նահատակութեան ուրբաթը` անմիջապէս վրան եկողը կարծուած է, մինչ երկու շաբաթ, եւ ոչ երկու օր տեւած է Գրիգորի եւ ընկերներու բանտարկութիւնը: Իրօք ալ սովորութիւն էր միջոց մը երկարել այդ տեսակ փորձութիւնները: Բալուեցի նահատակներուն վկայութիւնը գրողն եղած է Գրիգորի քեռորդին Դաւիթ Բալուեցի քահանան ( ՀԱՅ. 117):

1244. ԿԻՐԱԿՈՍ ՇԱՏԻԿՑԻ

Ժամանակակից նահատակի մըն ալ յիշատակութիւնը կը գտնենք Սիւնեաց նահանգի Վայոց ձոր գաւառի, Շատիկ վանքին մէջ, 1291 թուականով: Արձանագրութիւնը կը գտնուի Ընդեղի մատուռին մէջ, թէ զնորոգող սուրբ նահատակիս, զհոգեւորն Պլճոնց յաղօթս յիշեցէք, զԿիրակոս միակեաց, ուր յայտնի չէ թէ Կիրակոսը` նահատակն է, թէ նորոգողը: Բայց որովհետեւ ուրիշ տեղ մատուռը Սուրբ Կիրակոս անունով կը յիշուի ( ՍԻՍ. 160), նահատակն ալ Կիրակոս անուանել սովորութիւն եղաւ ( ՆՈՐ. 119), եւ աւանդութեամբ կը յիշուի, թէ պատարագելու ատենը սպանուած է: