Ազգապատում. հատոր Բ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ՄԵՍՐՈՊ Ա. ԱՐՏԱԶԵՑԻ

1321. ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԸՆԹԱՑՔԸ

Յակոբի յաջորդն եղաւ Մեսրոպ Արտազու արքեպիսկոպոս ու Թադէոսի վանքին առաջնորդ ( ՉԱՄ. Գ. 353), եւ յայտնի չէ թէ պատահմամբ Սիս գտնուելով, կամ ներհակընդդէմ մրցումներու վերջ տալու համար, այսպէս հեռուէն անձ մը հայրապետական աթոռ բարձրացած է: Ոմանք սոյն Մեսրոպը կը նոյնացնեն Խորձեանի եպիսկոպոսին հետ ( ՉԱՄ. յաւ. 110), որ Մխիթարի ներկաներէն էր ( § 1291), սակայն լոկ անուններու մերձեցում մըն է, առանց ուրիշ մէկ նշանի: Դավրիժեցին 1364-ին կը դնէ Մեսրոպին կաթողիկոսութիւնը, այլ նա յայտնապէս գրած է, որ ոչ թէ սկզբնաւորութեան թուականները կը նշանակէ, այլ այն տարին որուն մէջ կաթողիկոսի մը պաշտօնի վրայ ըլլալը գրած է: Մեսրոպի աւելի կանուխ ալ պաշտօնի վրայ ըլլալուն կը վկայեն ուրիշ յիշատակարաններ ալ, որ 1360-ին Մեսրոպը կաթողիկոս կ՚արձանագրեն ( ԹՈՐ. Բ. 381, 437), որով կ՚արդարանայ 1359-ին ընտրուած ըլլալուն սովորական թուականը: Բաւական ժամանակ էր որ շարունակ Կիլիկեցիներ էին հայրապետութեան գահակալները, սակայն հաւանական չէ, որ Մեսրոպը հեռուէ բերելով ուզած ըլլան տարբեր ուղղութիւն մը տալ գործերուն: Արտազեցիներ ալ արդէն, Զաքարիա Ծործորեցիի օրէն, հակամէտ էին դէպի միութիւն, եւ սիրով կ՚ընդունէին այդ նպատակին ծառայող պայմանները, մօտաւորութիւն կը ցուցնէին իրենց կողմերը գտնուող լատին կրօնաւորներուն, եւ կը ջանային օգտուիլ անոնց ուսումէն ու հմտութենէն, բայց միանգամայն հեռու էին լատինամոլներու ծանծաղամիտ նմանողութենէն, եւ Հայոց եկեղեցին կատարելապէս լատինակերպ եւ հռոմէադաւան ընելէն: Մեսրոպ ալ հարկաւ այդ ուղղութեան հետեւող մըն էր, եւ իր ընտրութիւնը պէտք է մեկնել իբր չափաւորութիւն մը Կիլիկիոյ լատինասէր ուղղութեան մէջ, քանի որ լատինասիրութիւնը, առանց երկրին քաղաքական օգուտ մը բերելու, ներքին երկպառակութիւններու պատճառ կ՚ըլլար: Լատինամոլութեան երկու մեծ գայթակղեցուցիչ կէտերն եղած էին բաժակին ջուրը եւ Ծնունդին տօնը, որոնք առիթ կ՚ընծայէին հակառակորդներուն սրովք եւ բրօք պատահել իրերաց եւ բազում ոճիրս գործել: Մեսրոպի առաջին հոգածութիւններէն մին եղաւ, համոզիչ միջոցներով միտքերը հանդարտեցնել, նորութեանց հետեւողները իրովի ետ կեցնելու աշխատիլ, եւ ժողովուրդին մէջէն յուզիչ եւ գայթակղեցուցիչ առիթները պակսեցնել: Բայց երբոր տեսաւ որ մոլեռանդներու խօսք հասկցնել հնար չ՚ըլլար, քանի որ անոնք Սսոյ եւ Ատանայի ժողովներուն հեղինակութեամբ կը զօրանային, մինչ ժողովուրդը առջի օրէն բողոքած եւ հակառակած էր այդ ժողովներուն դէմ, եւ քանի որ եպիսկոպոսներն ալ պարտք չէին զգացած այդ որոշումներուն համակերպիլ ու գործադրել, Մեսրոպ պէտք զգաց պաշտօնական միջոցներ ձեռք առնել միտքերը հանդարտեցնելու համար: Կոստանդին թագաւորին հետ կամակից միաձայնութեամբ ժողով գումարեց Սիսի մէջ, ուր նկատի առնուեցան նախընթաց գործողութիւնները, անոնց հետեւողութիւնները, պարագայից պահանջներուն վրայ երկար խորհրդակցութիւններ կատարուեցան, եւ վերջապէս ժողովական վճիռով որոշուեցաւ բաժակին ջուր խառնելը խափանել, եւ ջրախառն բաժակի կիրառութիւնը իսպառ դադրեցնել Կիլիկիոյ մէջ, ( ՉԱՄ. Գ. 355), կամ լաւ եւս Սիսի մէջ որովհետեւ անկէ դուրս արդէն ընդհանուր գործածութեան ալ չէր մտած, այլ լոկ անհատաբար խառնողներ կը գտնուէին:

1322. ՍՍՈՅ ՆՈՐ ԺՈՂՈՎԸ

Պատմական եղելութեանց կարեւոր կէտ մըն է Մեսրոպի օրով 1361-ին գումարուած Սսոյ ժողովը, զոր Չամչեան Կիլիկեցւոց պատմութենէն քաղելով թեթեւակի իմն կը յիշէ, եւ գործը միայն ջրախառն բաժակին վրայ կը մասնաւորէ: Դժբախտաբար ձեռքի տակ չի գտնուիր այդ գործը ամբողջութեամբ պատմող հեղինակ մը, որ կարենայինք կատարեալ ուսումնասիրութեամբ գործը բացատրել: Սակայն դիւրին է հասկնալ, թէ խնդիրը լոկ ջրախառն բաժակի վրայ չէր կրնար ամփոփուիլ, այլ բոլոր եւ օտարամուտ ձեւեր պէտք էր միանգամայն վերնային, եւ այդ միտքով Երեւանեցին բացատրօրէն կը գրէ, թէ Մեսրոպ եբարձ զջուրն ի սուրբ խորհրդոյն, եւ հերքեաց զախթարմայութիւնն` որ մուծեալ էր ի Հայս ի Կոստանդին հերձուածողէն, որ է Կեսարացին, եւ յՕշին թագաւորէն ( ՋԱՄ. 17): Հարկաւ աղբիւր մըն ալ ունեցած է այսպէս բացայայտ գրելու համար: Ժողովական գործերուն ձեռուընիս հասած չլինելը, չկրնար երբեք ժողովին հեղինակութիւնը նուազել, եւ հռոմէականներուն ալ փաստ չըլլար անոր կարեւորութիւնը ուրանալու: Եթէ առանց կաթողիկոսի գումարուած Սսոյ ժողովի մը հեղինակութիւնը կը բարձրացնեն, կամ Կեսարացիին նորութիւնները Ատանայի ժողովին որոշումներով կ՚ուզեն հաստատել, պէտք է որ Մեսրոպի գումարած ժողովին ալ, թէ ոչ առաւել, գոնէ համահաւասար զօրութիւն ճանչնան: Եւ եթէ նախնեաց հնաւանդ սովորութիւնները խախտող գումարումները, իբր օրինաւոր ժողով կ՚ընդունին, եւս առաւել այդ օրինաւորութիւնը կը պատշաճի օտարամուտ նորութիւնները խափանող գումարումին: Ըստ այսմ դիմացէ դիմաց կ՚ունենանք համանման գործեր, ժողով մը` որ նախնեաց կանոնները կ՚այլայլէ եւ նորութիւններ կը մուծանէ եւ ժողով մը` որ նորութիւնները կը խափանէ եւ նախնեաց կանոնները կը հռչակէ: Այդ պարագային մէջ, հարկաւ առաւելութիւնը պէտք է տալ այն ժողովին, որ բազմադարեան կանոններուն կը համաձայնի, եւ քանի մը տարի առաջ մուծուած պիտակ նորութիւնները կը ջնջէ: Ըստ այսմ հռոմէադաւաններուն ամրութեան դղեակներն եղող Սսոյ եւ Ատանայի ժողովները անզօր կը դառնան, ոչ միայն այն դիտողութեանց հիմամբ զորս իրենց կարգին գրեցինք ( § 1235, 1257), այլ եւ զօրութեամբ պաշտօնական գործողութեանց: Հարկաւ այլ եւս պիտի չկրնան ըսել, թէ Կեսարացիին ժողովը տարբեր բան մը եղած ըլլայ, քան Արտազեցիին ժողովը: Մենք պնդեցինք եւ կը պնդենք, թէ կաթողիկոսի մը արտաքին զիջողութիւնը չեն կրնար փոփոխել Հայ եկեղեցւոյ իսկական կերպարանը, եւ թէ բռնադատիչ պարագայից ներքեւ գումարուած, եւ յետոյ ուրիշ ժողովով յետս կոչուած ժողովական գործեր բնաւ չեն զօրեր հռոմէադաւան դրութիւնը ամրացնել:

1323. ԿՈՍՏԱՆԴԻՆ ԲԱՂԴԻՆԵԱՆ

Կիլիկիոյ թագաւորութեան կացութիւնը հետզհետէ իր քայքայման կ՚երթար, քանի որ ոչ ներքին ոյժ մը ունէր վտանգին դիմադրելու, եւ ոչ ալ արտաքին ոյժ մը` որ իրեն հովանաւորէր: Լատինականութեան աղէտը, ինչպէս պէտք է կոչել ժամանակին տագնապը, կրկնակի կը վնասէր արդէն տկարացեալ թագաւորութեան: Դէպ Արեւմուտք դիմումը կը գրգռէր շրջակայ թշնամիները, լատինական ձեւերն ու կերպերն կը պառակտէին ժողովուրդը, արքունիքին Լատիններու ձեռք անցնիլը, եւ նոյնիսկ Հայոց թագաւորական գահին վրայ Լատիններուն բարձրանալը, անբուժելի կը դարձնէր զայրացած կացութիւնը: Հալէպի կուսակալ Պէկ-Թիմուր, 1360-ին Տարսոնն ու Ատանան կը գրաւէր, Կոռիկոսի բերդը գրեթէ անպաշտպան մնացած` Հայոց թագաւորութենէն բաժնուելով Կիպրոսի իշխանութեան ներքեւ կը մտնէր 1361-ին, Կոստանդին թագաւոր անզօր եւ անկար յարձակումները վանել, գոնէ մնացածը, պաշտպանելու ճիգերով կը տագնապէր, եւ կ՚աշխատէր մինչեւ իր կեանքին վերջը, 1363-ին սկիզբները: Առանց մեծ գործ մը կատարելու եւ առանց մեծ ոյժ մը ունենալու 19 տարի թագաւորեց Կոստանդին Բաղդինեան, միակ արժանիքն ունենալով ըստ կարելւոյն յետաձգած լինելու Հայ թագաւորութեան վերջնական անկումը: Բռնադատեալ լատինասէր, այլ ոչ երբեք լատինամոլ, Հայ թագաւորութեան եւ Հայ եկեղեցւոյ հայկական տիպարը պահելու աշխատող Կոստանդին ունեցաւ միտքի գնահատելի ուղղութիւն մը, ցուցուց կարողութեան չափաւոր ձիրք մը, այլ չկրցաւ կործանման առջեւը առնել, թէպէտեւ յաջողեցաւ զայն հեռացնել իր իշխանութեան բաւական երկար տեւողութեան ատեն: Իր մահուանէ ետեւ ծանրացած աղէտը փաստ մըն է, որ գոնէ անուղղակի իր ճիգը կը բարձրացնէ: Կոստանդին անժառանգ կը մեռնէր, զի իր զաւակները վարակիչ հիւանդութեան զոհ գացած էին ( § 1319), եւ յաջորդութեան խնդիրները նորանոր աղէտներ բարդեցին արդէն աղետալից կացութեան վրայ: Լուսինեան Ջիւանի անդանիկն Պէմունդ 24 տարեկան երիտասարդ մը եղած էր, եւ Կիպրոսի թագաւորին պաշտպանութիւնը կը վայելէր: Պետրոս Ա., որ Հուգոն Դ. յաջորդած էր ( § 1313), ուզեց զայն նստեցնել Հայոց գահուն վրայ, զոր ժամանակ մը վարած էր անոր հայրը, եւ որուն նա ժառանգ կը նկատուէր հօրեղբօրը Գուիտոնին մահուընէ ետքը: Ինքն Պետրոս ալ պէտք կը զգար անձամբ տեսակցիլ Ուրբանոս Ե. պապին հետ, որ տարի առաջ յաջորդած էր Իննովկենտիոս Զ. , Աւինիոնի մէջ: Ուստի երիտասարդը մէկտեղ առած ճամբայ ելաւ, որպէս զի պապական հաստատութեամբ ապահովէ Պէմունդի թագաւորութիւնը: Բայց երիտասարդը ծանրապէս հիւանդացաւ ճանապարհին եւ Վենետիկի մէջ մեռաւ ( ԴԱՐ. 58): Պետրոս իր ճամբան շարունակեց, Ուրբանոսի հետ տեսակցեցաւ, եւ Հայոց թագաւորութիւնը Լուսինեաններուն պահելու համար, յատուկ պապական կոնդակ մը առաւ Պէմունդի եղբօր Լեւոնի անունին 1364 ապրիլ 11 թուականով ( ՉԱՄ. Գ. 356), զոր սակայն իրեն մօտ պահեց ( ԴԱՐ. 58):

1324. ԿՈՍՏԱՆԴԻՆ ՀԵԹՈՒՄԵԱՆ

Երբոր Կոստանդին Բաղդինեան անժառանգ մեռաւ, յաջորդութեան խնդիրը պատճառ եղաւ զանազան կուսակցութիւններ կազմելու, եւ Կիլիկիա պառակտեցաւ: Լուսինեաններ իրենց կողմնակիցներն ունէին, որոնք Պետրոսի ալ դիմեր էին Պէմունդն ուզելու ( ԴԱՐ. 57), որոնք սակայն կացութեան տէր չէին: Ինքզինքնին առջեւ քշող բախտախնդիրներ ալ կային, որոնցմէ կը յիշուին Լեւոն Լուսինեան մը եւ Նիկոլ Լուսինեան մը, որոնք սակայն չեն կրցած յաջողիլ, եւ մերժուած ու սպանուած են հակառակ կուսակցութիւններէն ( ՍԻՍ. 560): Ընդհանուր պառակտումներու մէջ զօրացաւ Նզրեցոց կողմը, եւ Կոստանդին Բաղդինեանի յաջորդ նշանակուեցաւ անոր հօրեղբօրորդին, նոյնպէս Կոստանդին անուն, որդի Բաղդինի եղբօր Հեթում Ջամբռլայի, կամ արքունական սենեկապանի, որ մեռած էր 1356-ին ( ՍԻՍ. 560), եւ Հեթումէ քիչ ետքը, 1358 մայիս 21-ին վախճանած էր նաեւ անոր կրտսեր որդին Ջօֆրէ, 34 տարեկան ( ՍԻՍ. 413): Այս հաշուով Կոստանդին Հեթումեան, որ երիցագոյն էր, 1363-ին թագաւոր հռչակուած ատեն, գոնէ 40 տարկեան եղած պիտի ըլլայ: Այս Կոստանդինն է որ Ռուբինեանց գահին վրայ մնաց 10 տարիի չափ, բայց երկու Նզրեցի Կոստանդիններու իրարու յաջորդելը, պատճառ եղած է ոմանց երկուքը միացնելու, եւ ուրիշներուն ալ` մականուններուն տարբեր կերպով նշանակուելէն` անոնց թիւը բազմացնելու: Երեւանեցին, Գուիտոնի եւ Լեւոնի մէջտեղ կը դնէ, թագաւոր Հայոց Կոստանդին, յետոյ եւ միւս Կոստանդին, յետոյ եւ միւս Կոստանդին, եւ միւս չորրորդ Կոստանդին ( ՋԱՄ. 17), մինչ Դարդէլի ժամանակագրութիւնը երկու Նզրեցի Կոստանդիններ միայն կ՚ընդունի, Բաղդինեանը եւ Հեթումեանը ( ԴԱՐ. 59): Հեթումեանին իբր թագաւոր ընդունիլը կը վերագրուի իր փարթամութեան, որով յաջողեցաւ ոչ միայն Կիլիկեցի իշխանները վաստկիլ, այլեւ նոյնիսկ Կիպրոսի թագաւորը իրեն կողմը դարձնել, եւ անոր ձեռքով անգործադիր թողուլ Լեւոնը թագաւորեցնելու համար Ուրբանոսի տուած պապական կոնդակը ( § 1323), զոր Պետրոս պահեալ ի ծածուկ ոչ եցոյց, եւ ոչ աւանդեաց առ իշխանն Լեւոն ( ԴԱՐ. 59): Այդ կոնդակին թուականը պատճառ եղաւ շատերուն 1365-էն Լեւոնը Հայոց թագաւոր եղած կարծել ( ՉԱՄ. Գ. 356), սակայն Դարդէլի ժամանակագրութիւնը կը ցրէ այդ դրութիւնը, եւ մէջտեղ կը հանէ Պետրոսի տարօրինակ ընթացքը, որ կրցաւ գրեթէ 10 տարիներ գաղտնի պահել եւ անհետեւանք թողուլ իրեն համար նուիրական սեպուող պապական կոնդակ մը: Դարդէլ ոչ միայն ժամանակակից մըն է, այլ եւ Լեւոնի խոստովանահայրն ու խորհրդականն եւ անոր անձնական պարագաներուն մօտէն տեղեակ էր: Այլ թէ ինչպէս կրցաւ Պետրոս այս տեսակ գործ մը յաջողցնել, որ ոչ Ուրբանոս իր կոնդակին գործադրութիւնը պահանջէ, եւ ոչ Լեւոնի իր իրաւունքը փնտռէ, պատմութենէ բացատրութիւններ չունինք: Սակայն դիւրին է նկատել, որ պապին կոնդակը նոյն ինքն Պէտրոսէ ուզուած էր, եւ պապը անոր յանձնած էր պատշաճ կարգադրութիւնն ընել, իսկ Լեւոն փորձանքներ տեսած եւ Պետրոսի պաշտպանութեամբ յառաջ եկած, անոր հրամանին ներքեւ զինուորական մըն էր, որ իւրովի բան մը կարգադրելու միջոց չունէր, եւ Լուսինեան գերդաստանին պետն եղող Պետրոս թագաւորին պարտաւոր էր անսալ: Դարդէլի տուած մանրամասնութիւններէն այնպէս կ՚երեւի, թէ Պետրոս զնամակն պապին ոչ եցոյց իշխանին Լեւոնի, պահեաց զթղթեանն, եւ ոչ եհան ի վեր ( ԴԱՐ. 60), որով Լեւոն տեղեկութիւն ունեցած չըլլար իրեն մասին եղած կարգադրութենէն, բայց եթէ գիտցած ալ ըլլար, համակերպելէ զատ եղանակ չունէր:

1325. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԴԱՐՁՈՒԱԾՆԵՐ

Կոստանդին Հեթումեան թէեւ յաջողեցաւ 10 տարի արքունական գահը պահել, դժուարին եւ աղետալից միջոցի մէջ, սակայն պատմական յիշատակներ չեն ներեր իր վրայ գովեստի եւ գնահատումի նպաստաւոր կարծիք մը կազմել: Իրաւ գլխաւորապէս Դարդէլն է այդ յիշատակներուն աղբիւրը, որ երկու Նզրեցիներն ալ իբր բռնաւորներ եւ Լուսինեանց իրաւունքը բռնաբարողներ կը նկատէ, եւ այդ տեսութեամբ զանոնք դսրովել եւ աղտեղել կ՚աշխատի, սակայն պարզ իրողութիւններն ալ անկաշկանդ միտքով զննուած ատեն, Կոստանդին Հեթումեանի համար նպաստաւոր եզրակացութեան չեն տանիր: Կիլիկիոյ թագաւորութեան սահմաններուն ամփոփուիլը, որ իր նախորդին օրով սկսաւ, տակաւ կը յառաջէր, այնպէս որ գրեթէ Սիսի շրջանակին մէջ կը պարփակուէր` երբեմն Կիլիկիայէ դուրս Փոքր Ասիոյ եւ Ասորիքի մէջ տարածուած թագաւորութիւնը: Կոստանդին արեւմուտքի Լատիններէն յոյսը կտրելով անոնց չի մօտենար, բայց բոլոր յոյսը կը կեդրոնացնէ Կիպրոսի Լուսինեաններուն վրայ, եւ կաշառի միջոցներով եւ ճորտութեան մօտիկ քծնումներով անոր պաշտպանութիւնը կ՚ապահովէ, մինչեւ իսկ յայտարարելով զի հաճեսցի ընդունել զնա եւ զթագաւորութիւն նորա եւ զինչս զամենայն ( ԴԱՐ. 59): Կոստանդինի փարթամութեան ծագումն ալ կը մեղադրուի, որովհետեւ զայն կուտեալ էր կեղեքելով զերկիրն եւ յափշտակելով զինչս ժողովրդեան ( ԴԱՐ. 60): Հպատակները իրմէ դժգոհ, ձեռքէն ազատելու համար, 1368-ին նոյնիսկ Պետրոսը հրաւիրեցին Հայոց թագաւորութիւնը իրեն կցելու ( ՍԻՍ. 560), սակայն Պետրոս հարկ չտեսաւ անմիջապէս գրաւելու փութալ, զի գերիշխանի դիրքը կը վայելէր Կոստանդինի վրայ, եւ քիչ ետքն ալ, 1361-ին, Կիպրոսի աւագանիէն սպանուեցաւ ( ԴԱՐ. 60), որովհետեւ ինքն ալ իր իշխանութեան մէջ ոչ նուազ անտանելի էր, քան իր պաշտպանեալ Կոստանդինը: Պետրոս Ա. յաջորդ հռչակուեցաւ որդին Պետրոս Բ., տակաւին 9 տարեկան, իր հօրեղբօր Յովհաննէս Լուսինեանի խնամակալութեան ներքեւ: Ասոր ձեռքն անցաւ Ուրբանոս պապին Լեւոնի համար տուած կոնդակը, այլ Կոստանդին փութաց Յովհաննէսն ալ վաստակիլ առաքելով պարգեւս մեծամեծս եւ ընծայս, ու կոնդակը նորէն պահուեցաւ ու ծածկուեցաւ, եւ Յովհաննէս ոչ եհան ի վեր զթղթեանն ( ԴԱՐ. 60): Կոստանդին Սիսի մէջ իր հարստութիւններով մէկտեղ հանդարտ չէր, զի Եգիպտացիք շուրջը պատած կ՚ուզէին որոշիչ հարուածը տալ, եւ Ասիոյ քրիստոնեայ իշխանութեանց վերջին մնացորդը բնաջինջ ընել: Յարձակումները նոր ոյժ առին Պետրոս Ա. մահուընէ ետքը, ուսկից կ՚ակնածէին Եգիպտացիք, քանի մը անգամ հարուածուած ըլլալով` անոր նաւային յարձակումներէն: Խօշթիմուր Հալէպի ամիրան եւ Մանչակ Տարսոնի ամիրան շարունակ կը նեղէին Սիս քաղաքը պաշարմամբ եւ շրջակաները ասպատակելով, մինչեւ իսկ Սիսը այրելով ( ՍԻՍ. 226), բայց Կոստանդինի բախտէն արիասիրտ հրամանատար մը կար իրեն մօտ, որ քանիցս կը յաջողէր թշնամիները ցրուել: Լիպարիտ անունով կը յիշուի այն, որդի Թորոս մարաջախտի, եւ եղբայր Վասիլի ( ՍԻՍ. 542), որ աւելի ետքը պիտի յիշուի: Սակայն վերջապէս Լիպարիտ ալ ինկաւ կոտորածի համար առջեւ քալած, եւ իրեններուն կամաւ կամ ակամայ իրմէ հեռացած մէկ պահուն: Լիպարիտի անունը մինչեւ յետին ժամանակներ հռչակուած էր Սսեցւոց մէջ, եւ ժողովրդական երգերու նիւթ եղած ( ՍԻՍ. 227): Անոր տեղ անցաւ Հեթում մը, որ քաջութեան մասնաւոր գործեր ալ կատարեց Եգիպտացւոց դէմ, սակայն այն ալ Գրիգոր մատնիչէ մը սպանուեցաւ, եւ իր կինը Զարմանուհի լեռներ քաշուելով պատերազմիկ խումբի մի գլուխ կանգնեցաւ ( ՍԻՍ. 184): Բայց այս ամէն վերջին ճգնաժամի քաջութիւններ, չէին կրնար Սիսի վտանգալից վիճակին արմատական դարման ըլլալ:

1326. ՆՈՐԷՆ ԴԻՄՈՒՄՆԵՐ

Այդ խառնակ կացութեան մէջ Մեսրոպ կաթողիկոսի անունը չի յիշուիր, եւ ոչ ալ կրօնական խնդիրներու յիշատակութիւններ կ՚ըլլան: Արեւմուտքի հետ խզուած յարաբերութիւնները հարկաւ առիթ չէին տար եկեղեցական պահանջներ առաջարկելու, եւ փոխադարձ բացատրութիւններ կրկնելու, ինչ որ Մխիթարի օրերուն նկարագիրն էր եղած: Մեսրոպ, որ համարձակութիւնը ունեցած էր մինչեւ իսկ Սսոյ եւ Ատանայի ժողովներուն որոշումները նոր ժողովով ջնջել ( § 1322), հայադաւան եւ հայածէս ուղղութիւնը ամրապնդելու կ՚աշխատէր, եւ այդ մասին իրեն օգնական ունէր թագաւորն ալ: Կոստանդին Հեթումեան թէ անձնական եւ թէ քաղաքական տեսակներէն պէտք էր որ կաթողիկոսին ուղղութիւնը հովանաւորէր, որովհետեւ պարտաւոր էր Լուսինեանց ազգատոհմին հետ մաքառիլ իր թագաւորութիւնը ապահովելու համար, եւ լատինականութեան զօրանալը Լուսինեանց եւ Լուսինեան կուսակցութեան կը նպաստէր: Այդ մասին թագաւոր եւ կաթողիկոս իրարու համամիտ եւ գործակից էին, բայց չենք ուզեր այդ գործակցութիւնը Կոստանդինի անտեղի գործերուն վրայ ալ տարածել: Մեսրոպի ընթացքը խոհական անձի մը նկարագիրը կ՚ընծայէ մեր աչքին, եւ չենք կարծեր թէ ստորնութեանց ալ զիջած ըլլայ. միայն թէ գէշ աղէկ, վերջապէս Հայ թագաւոր մըն էր Կոստանդին, որ Հայ թագաւորութեան համար կ՚աշխատէր թէ ոչ անձամբ, գոնէ իր զօրավարներով, եւ Մեսրոպի ներեալ չէր անոր ընդդիմանալ, կամ զայն տկարացնել: Բայց լատինասէրներու կամ Լուսինեան կուսակիցներու հետքը ջնջուած չէր Սիսի մէջ, միայն թէ աւելի քաղաքական նպատակներու կը ծառայէին, եւ տիրող ուղղութեան դէմ մաքառելու չափ զօրաւոր չէին, եւ պէտք կը զգային տեղէ մը օգնութիւն գտնել: Մարիամ թագուհի` Կոստանդին Բաղդինեանի այրին, որ Օշին խնամակալին Յովհաննայէ ունեցած դուստրն էր ( § 1311), աւելի իր ազգատոհմէն քան իր ամուսնոյն ուղղութենէն ներշնչուելով ( § 1323), լատինասէրներուն գլուխն էր անցած, եւ 1271-ին յատուկ դեսպանութիւն մը կը ղրկէր Արեւմուտք, Սսոյ արքեպիսկոպոս Յովհաննէսէ եւ թարգման Մանուէլ Յովհաննէսեանէ բաղկացած, որպէս զի թէ իր ազգականներուն եւ թէ պապին մտադրութիւնը հրաւիրէ Կիլիկիոյ գործերուն վրայ: Գրիգոր ԺԱ. պապ, որ տարի առաջ յաջորդած էր` Ուրբանոս Ե. , եւ պապական աթոռը նորէն Հռոմ փոխադրած էր, խորհուրդ կու տար 1372 յունուար 22-ի նամակով, Մարիամ այրի թագուհին` Պրունզուիքի Ոթոն (Otton de Brunswick) իշխանին հետ ամուսնացնելով, Կիլիկիոյ թագաւորութիւնը զօրացնել: Առաջարկը տեղի չ՚ունեցաւ, բայց Լուսինեանց կողմը աւելի համարձակութիւն ստացաւ` իրեն մասին մտադրութիւն դարձուած տեսնելով:

1327. ՄԵՍՐՈՊԻ ՄԱՀԸ

Չենք գիտեր թէ ինչ դեր կը վարէր Մեսրոպ կաթողիկոս այդ պարագային մէջ, բայց Լուսինեանց նպաստաւոր եղած չ՚երեւիր: Արդէն ալ յիշեալ 1372 տարին իր մահուանն ալ թուականն է: Իսկ Երեւանեցիին 1384 թուական ցուցնելը, ինչպէս նաեւ Մեսրոպի 26 տարի պաշտօնավարութիւն տալը ( ՋԱՄ. 17), Անեցիին շարունակողին շփոթ տեղեկութենէն ( ՍԱՄ. 169) ծագում առած կ՚երեւի: Մահուան օրն ու ամսաթիւը նշանակուած չունինք, բայց ամենայն հաւանականութեամբ նա չէ հասած նոր առաջարկէն տեղեկութիւն ունենալ, կամ այդ մասին բան մը ընել: Մեսրոպի պաշտօնավարութեան մէջ, քաղաքական տեսակէտէն մեծ գործունէութիւն չենք գտներ, բայց չենք կրնար ալ մեղադրել, զի պարագաներ ու միջոցներ ձեռնտու չէին: Իսկ կրօնական տեսակէտէն արդիւնաւոր պէտք է ճանչցուի, իր նախորդներուն լատինամոլ ուղղութիւնը կասեցնելովը, որով թէ հայադաւան եւ հայածէս դրութիւնը ամրապնդելու, եւ թէ ապագային առաւելագոյն վտանգի մը առջեւն առնելու պատճառաւ եղաւ:

1328. ՄԵՍՐՈՊԻ ՕՐՈՎ

Ունիթորական գործունէութիւնը իր օրով չկրցաւ Կիլիկիոյ մէջ ընդարձակուիլ, գոհանալով հետզհետէ զօրացնել այն դիրքը զոր Ջահկեցի եղբայրներ` Թովմաս եւ Սամուէլ ձեռնարկած էին հաստատել Արեւելեան գաւառներու մէջ, եւ արդէն հարիւրի չափ միաբաններ ունէին եօթը վանքերու մէջ ( ՍԻՆ. 389): Մեսրոպի օրով մեծագոյն վտանգ մը անցուց Երուսաղէմի աթոռը: Պետրոս Ա. Կիպրոսի թագաւորը, Արեւմտեաններու ձեռնտուութեամբ յաջող յարձակում մը ըրած էր 1365-ին Եգիպտոսի վրայ եւ հոկտեմբեր 10-ին Աղեքսանդրիա քաղաքը գրաւած ( ՍԻՍ. 560), մեծամեծ վնասներ եւ կոտորածներ հասցնելով բնակիչներուն, եւ իբր թէ մինչեւ երկոտասան հազար կոյս աղջիկ գերի տանելով ( ՍԱՄ. 170): Եգիպտացիք ձախողութեան հակահարուածը հասուցին Պաղեստինի քրիստոնէից վրայ, սաստիկ հալածանք մը հանելով, եկեղեցիները փակելով, կրօնափոխութեան բռնադատելով, եւ շատեր մահուան դատապարտելով: Ս. Յարութեան տաճարն ալ փակ մնացած է 4 տարի, եւ Ս. Յակոբայ Հայ միաբանութիւնը երկու անգամ խմբովին Գազա տարուած է դատուելու համար: Մկրտիչ պատրիարք զանազան տանջանքներով եւ ծանր շղթաներով չարչարուած է, Գրիգոր եւ Կիրակոս աբեղաներ բրածեծ հարուածներու ներքեւ նահատակուած են, Մխիթար Րէյիզ եւ միաբան մը Եգիպտոսի մէջ սպանուած են, եւ ուրիշ շատեր ալ մարտիրոսութեամբ վկայած են, այդ չորս տարիներու ընթացքին ( ԱՍՏ. Ա. 212), մինչեւ որ հալածանքը դադրեցաւ, եւ Մկրտիչ իր պաշտօնը շարունակեց մինչեւ 1381 ( ԲԱՌ. 46): Աղթամարի աթոռն ալ նախանձելի վիճակ մը չունէր, թէպէտ յատկապէս հալածեալ ալ չէր: Քանի մը հազիւ անունով ծանօթ կաթողիկոսներէ ետք, աթոռի վրայ կը գտնուէր Ներսէս Ա. Փոլատ, որուն օրով հազիւ 15 միաբաններ կը գտնուէին աթոռը, գրեթէ անօգնական մնացած, ինչպէս յիշատակարան մը կը գրէ, թէ ոչ ի ժողովրդենէն առնուն եւ ոչ յայլոց, այլ դեռ եւս զիւրեանցն այլոց տան, եւ բազում աշխատանօք եւ չարչարանօք զհարկաւոր կերակրիցն պատրաստեն (00. ԲԻԶ. 1194): Ներսէսի կաթողիկոսութիւնը տեւած է մինչեւ 1378, եւ իրեն յաջորդած է Զաքարիա մարտիրոսը, որուն վրայ իր կարգին պիտի խօսինք: Մէկ խօսքով` խեղճութեան եւ տառապանաց շրջան մըն էր որ կը բոլորուէր ամէն կողմ: