Ազգապատում. հատոր Բ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ԳՐԻԳՈՐ ԺԱ. ԲԻՒԶԱՆԴԱՑԻ

1545. ՆԱԽԸՆԹԱՑՆ ՈՒ ԱԹՈՌԱԿԻՑԸ

Դավրիժեցին 1536 թուականին ներքեւ կը գրէ. կաթողիկոս տէր Գրիգոր ( ԴԱՎ. 337), առանց յայտնելու ով եւ ուստի ըլլալը, եւ ոչ ալ նախապէս աթոռակից եղած ըլլալը, եւ մենք ալ անհաւանական չդատեցինք Սարգիս Վրաստանցիին առանց աթոռակիցի մնացած ըլլալը ( § 1538): Ուր որ որոշ տեղեկութիւններ կը պակսին եւ մանր ակնարկներէ պատմութեան շարքը կապակցել կը պարտաւորուինք, ներեալ կ՚ըլլայ անշուշտ երբեմն մերձեցումներ ընելով դատարկներ լրացնել: Այդ համարձակութեամբ դիտած ենք թէ Էջմիածինի մէջ Գրիգոր կաթողիկոս մը կ՚երեւի, երբ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ Գրիգոր պատրիարք մը կը դադարի: Աւելցնենք որ Գրիգոր պատրիարքը Էջմիածնեցի մըն է, եւ նոյնիսկ նախկին կաթողիկոսի մը եղբօրորդի ( § 1539), որ կերպով մը իրաւունք կու տայ առջեւ անցնելու եւ կաթողիկոսական աթոռին յաջորդութեան ձգտելու, այնպիսի ժամանակ մը որ կանոնական ընտրութիւնները պատահական եւ անձնական նախաձեռնութիւններով փոխանակուած էին: Այդ տեսութիւններն են ահա, որ մեզի համարձակութիւն կու տան նոյն ինքն Զաքարիայի եղբօրորդի եւ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարք Գրիգորը տեսնել` Էջմիածինի գահակալ Գրիգորին մէջ, եւ այս դիտողութեամբ տուած ենք անոր Բիւզանդացի մակդիր անունը: Ինչպէս ըսինք, վկայեալ պատմութիւն մը չէ մեր տեսութիւնը, բայց պարագաներու մերձեցուցմամբ քաղուած եզրակացութիւն մըն է, որ իր ոյժն եւ արժէքն ունի, ուր ստոյգ տեղեկութիւններ չեն գտնուիր: Գրիգորի կաթողիկոսութիւնը կը յիշատակուի 1540 թուականին ներքեւ ալ Մշոյ Ս. Առաքելոց վանքը ( ԹՈՐ. Բ. 422) եւ Ջերմուկ քաղաքը ( ԹՈՐ. Բ 456) գրուած յիշատակարաններուն մէջ: Աւելի ետքն ալ 1541-ին դարձեալ կը յիշէ զայն Դավրիժեցին, երբ Գրիգորի մօտ աթոռակից մը աւելնալը կը պատմէ ( ԴԱՎ. 337), եւ այս յիշատակութիւնն է անշուշտ, որուն կ՚ակնարկէ Ալիշան, որ Գրիգորը Գրիգորիս ալ կը կոչէ ( ԱՐՐ. 230), ինչպէս կը կոչէ նաեւ Չմշկածագի մէջ գրուած յիշատակարան մը ( ԹՈՐ. Բ. 364): Սակայն 1541 տարին պէտք չէ իբր Գրիգորի կաթողիկոսութեան վերջ համարիլ, ինչպէս ըրած են Չամչեան ( ՉԱՄ. Գ. 517) եւ Երեւանեցին ( ՋԱՄ. 20), զի Դավրիժեցին նոյն տարւոյն ներքեւ տակաւին կենդանի կ՚ընդունի նոյն տէր Գրիգոր կաթողիկոսը, աւելցնելով թէ այլ եւ եղեւ կաթողիկոս տէր Ստեփանոս ( ԴԱՎ. 337), որով Ստեփանոս լոկ աթոռակից եղած կ՚ըլլայ 1541-ին եւ ոչ բուն գահակալ կաթողիկոս: Այլ թէ երբ վերջացաւ Գրիգորի կաթողիկոսութիւնը ճշդելու փաստեր կը պակսին, եւ անյարմար չէր ըլլար զայն երկարաձգել մինչեւ 1545, երբ առաջին անգամ յիշատակուած է Գրիգորի յաջորդը Ստեփանոս ( ԴԱՎ. 337): Որչափ ալ Դավրիժեցին կը գրէ թէ իր դրած թուականները սկզբնաւորութեան տարիներ չեն ( ԴԱՎ. 334), սակայն քանի ժամանակները իրեն կը մօտենան աւելի ճիշդ տեղեկութիւններ գտած կ՚ըլլայ, եւ մենք իրաւունք կ՚ունենանք աւելի կարեւորութիւն տալ վերջին թուականներուն: Մանաւանդ որ քիչ քիչ կը սկսին պատմական յիշատակներ ալ շատնալ, որով հնար կ՚ըլլար Դավրիժեցիին ճիշդ թուականներ գտնել: Աւելի տեղեկութիւն չունինք Գրիգորի նկատմամբ:

1546. ՆՈՐ ԾՌԱԶԱՏԻԿ

Գրիգորի կաթողիկոսութեան օրով նորոգուեցաւ ծռազատիկի հնացեալ խնդիրը, որ հանդիպած չէր 1292-ի վերջին ծռազատիկէն ի վեր, այսինքն է, Հռոմկլայի առնուելէն ասդին ( § 1191): Տոմարական հաշիւները այնպէս իմն կը բերեն, որ իւրաքանչիւր հինգհարիւրակին մէջ չորս անգամ միայն ծռազատիկ կը հանդիպի իրարմէ 95 տարի տարբերութեամբ, եւ 247 տարիներու միջոց մը առանց ծռազատիկի կ՚անցնի եւ այս հիմամբ դիտեցինք իր կարգին թէ 1387 տարին ծռազատիկ չէ եղած ( § 1361): Առանց ծռազատիկի միջոցը 1292-էն ի վեր կը քալէր, եւ նոր ծռազատիկը կ՚իյնար 1539-ին, ինչպէս տոմարական հաշիւներ կը ցուցնեն, եւ ուղիղ չէ Ջերմուկցի Եղիա աբեղային զայն 1540-ին դնելը ( ԹՈՐ. Բ. 454): Շփոթութիւնը կրնանք մեկնել, ըսելով թէ Հայոց 989 թուականը կը սկսէր 1539 նոյեմբեր 7-ին, եւ եթէ Ջերմուկցին իր Յայսմաւուրքը աւարտեց 1539 նոյեմբերէ 1540 մարտ միջոցին, նոր զատիկը չեկած, կրցաւ անցեալ զատիկը միեւնոյն 989 թուականին վերագրել եւ այնպէս յիշատակել: Ինչ ալ ըլլայ շփոթութեան պատճառը, պէտք է պինդ բռնենք տոմարական հաշիւը եւ 1539 ապրիլ 6-ին եւ 13-ին դնել յոյն եւ հայ զատիկները, ինչպէս կը դնէ ժամանակագիր մըն ալ ( ՍԱՄ. 176): Հետաքրքրական պարագաներ կը պատմէ Ջերմուկցին Երուսաղէմի մէջ յուզուած վէճերուն մասին: Ճշմարիտ զատիկին ժողովրդական փաստը լուսահանութիւնը ըմբռնուած ըլլալով, Հայեր Յոյներէ կը պահանջեն, որ անոնց ճրագալոյցին, այսինքն ապրիլ 5-ին, Յոյներուն Փլաբիոս պատրիարքին հետ, Հայ եպիսկոպոսներ ալ մտնեն սուրբ Գերեզմանը որ քննեն լոյսին ճշմարտութիւնը, եւ մինչեւ 500 եւ 1000 ոսկի գրաւ կը խոստանան: Սակայն Յոյներ չեն հաւանիր, այլ չախմախ եւ քիպրիթ պահեալ ի ղութին գերեզման կը մտնեն, եւ իբր թէ լոյսը կը հանեն, սակայն եէնիչարիք եւ այլազգիք որ ի դռան էին կը վկայեն թէ ինքնին լոյս չելաւ: Երբոր Հայոց ճրագալոյցը կու գայ, ապրիլ 12-ին, հազիւ թէ Հայեր երկու անգամ թափօր կը դառնան Գերեզմանին շուրջը, եւ ահա լոյսն թռաւ ի կանթեղին, եւ տաճիկ պաշտօնեաներ` նզաշէմինն, ղատին եւ եազիչին եւ շատ եէնիչարիք, որ ներկայ եղեր են դուրսէն, վկայեր են լոյսին ճշմարտութեան ( ԹՈՐ. Բ. 455): Այս պարագաները պատմելով, բնաւ դիտում չունինք լոյսի խնդիրը բացատրել, այլ միայն ժամանակին տիրող զգացումներն ու հաւատքը ծանօթացնել: Ուրախ պիտի ըլլայինք տեսնելով որ գոնէ կռիւներու յիշատակութիւն չ՚ըներ Ջերմուկցին, սակայն ուրիշ տեղէ կը վկայուի թէ Յոյներ յարուցին աղմուկ մեծ, եւ առիթ եղեն հանդիպելոյ Հայոց մեծամեծ վնասուց եւ նեղութեանց ( ԱՍՏ. Ա. 254):

1547. ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԳՈՐԾԵՐ

Ծռազատիկին տարին Հայոց պատրիարք եղած կ՚ըլլայ Աստուածատուր Մերտինցին, որ ըստ ոմանց 1523-ին ընտրուելով 19 տարի պաշտօնավարելէ ետքը 1542-ին տեղի կու տայ Փիլիպպոսի, եւ անոր մահուանէն ետքը 1562-ին նորէն աթոռ կը բարձրանայ իր հօրեղբօրորդւոյն Անդրէասի աթոռակցութեամբ եւ երկու տարիէն կը վախճանի 1564-ին ( ԲԱՌ. 61): Իսկ ըստ այլոց Աստուածատուր 1532-ին կը յաջորդէ Յովհաննէս Ղուկասեանի, որ էր լեալ յառաջագոյն կաթողիկոս Սսոյ, զոր մինչեւ իսկ Թլկուրանցիին հետ նոյնացնողներ կան ( ԱՍՏ. Ա. 251): Սակայն ուրիշ տեղէ այսպիսի յիշատակ չկայ, եւ առ առաւելն Կիլիկիայէ եկող Յովհաննէս եպիսկոպոսի մը կրնանք պատշաճեցնել այդ ակնարկը: Սոյն երկրորդ աղբիւրը Փիլիպպոս պատրիարքը չի ճանչնար, եւ 1542-ին Աստուածատուրին յաջորդ կը դնէ Անդրէաս Պարոնտէրը` Աստուածատուրի հօրեղբօրորդին, մինչ առաջին աղբիւրը 1462-ին կը յետաձգէր, եւ միանգամայն չի յիշեր Յովհաննէսը, որ երկրորդ գրութեան մէջ մեծ դեր ունի ազգային սեփականութեանց պաշտպանութեան համար: Քանի որ երկու գրողներն ալ Երուսաղէմի միաբաններ են, որ պէտք է ձեռուընին ունենային վաւերական գրութիւնները, մեզի անմեկնելի կը մնան իրենց տարբեր կարծիքները, եւ անհամաձայնութիւնները լուծելը իրենց կը թողունք, վասնզի այլուր Աստուածատուր կենդանի եւ գործակից կը յիշուի Անդրէասի հետ մինչեւ 1554 ( ԱՍՏ. Ա. 263): Անդրէասի տրուած Պարոնտէր անունը, այդ մակդիրին առաջին յիշատակներէն մէկն է, բայց առաջիկային ուրիշներու ալ տրուած պիտի տեսնենք: Զանազան բացատրութիւններ մտածուած են այդ մականունին, իսկ մեր կարծիքն է երկու պատուաւոր կոչումներու միացումը տեսնել այդ բառին մէջ Պարոն կոչումը սղումն է պատրոն (Patron) եւրոպական բառին ( ՇԱԿ. 62, 64), եւ կը պատասխանէ հայերէն տանուտէր կոչման, եւ այսպէս կը կոչուէին միջին դարերու նշանաւոր եւ իշխանաւոր անձեր, իսկ Տէր կոչուածը իբրեւ պատուանուն սեփականուած էր եկեղեցականներուն: Այս տեսութեամբ պարոնատէր, այսինքն պարոն եւ տէր կը կոչուէին այն եկեղեցականները, որոնք կանուխէն աշխարհիկ վիճակի մէջ իշխանաւորի դիրք վայելած էին: Անդրէաս պարոնատէրին դառնալով, սաղիմական յիշատակներ կը պատմեն անոր շատ վէճերը եւ շատ յաջողութիւնները ազգային սեփականութեանց պաշտպանութեան համար: Նա ինքն 1555-ին Կոստանդնուպոլիս ալ գացած է, իրեն փոխանորդ թողլով Խաչատուր եպիսկոպոսը ( ԱՍՏ. Ա. 270), եւ այն տեղ չորս տարի մնալով Յոյներու Գերմանոս պատրիարքին հետ դատ վարած է կայսերական ատեանին առջեւ` ազգային իրաւունքներու եւ ստացութիւններու համար, եւ յաջողութեամբ Երուսաղէմ դարձած, եւ 1560-ին նորոգած է Համբարձման եկեղեցին ( ԱՍՏ. Ա. 272): Լատիններուն ալ պաշտպանութիւն եւ հիւրընկալութիւն ըրած է, երբոր անոնք հեռացած էին Սիոնի վանքէն, եւ անոնց առժամեայ բնակութիւն տուած է ի Սուրբ Հրեշտակապետու վանքն մեր, մինչեւ առին հրաման թագաւորական` բնակիլ ի վանս Վրաց ( ՀՆՆ. 278):

1548. ՄԱՆԿԱԺՈՂՈՎԻ ԴԱԴԱՐՈՒՄԸ

Սուլտան Սիւլէյման երբոր Պարսից արշաւանքէն դարձաւ 1535-ին ( § 1540), եւ պէտք տեսաւ իր բանակը նոր տարրներով կազմակերպել, հրաման ըրաւ պզտիկ տղաքներ հաւաքել ամէն կողմէն եւ զանոնք զինուորական կեանքին մարզել: Այդ առթիւ քրիստոնեայ տղաքներն ալ կը հաւաքուէին անխտիր, եւ իսլամական կրօնքով կը կրթուէին: Իսկ տղաք բռնի կ՚առնուէին ուր որ կը գտնուէին, տուներ ալ կոխելով դուրս կը հանուէին, եւ ուր ընդդիմութիւն տեղի ունենար, զինու զօրութեամբ, կոտորածով եւ աւերածով կ՚ընկճուէին: Մանկաժողովը աւելի Ասիական գաւառներու մէջ կը կատարուէր, եւ քրիստոնեայ տարրերուն մէջ աւելի հարստահարուողը Հայը կ՚ըլլար: Կը յիշուի թէ սուլտան Սէլիմ առաջին անգամ մտածած էր այդ ձեւը, սակայն խափանուած էր, եւ Սիւլէյման զայն հրամայեց աւելի կազմակերպեալ եւ աւելի բուռն կերպով: Մանկաժողովը տարուէ տարի կը կատարուէր, եւ ողբեր ու կոծեր, բռնութիւններ եւ խռովութիւններ անդադար էին, մինչեւ իսկ այդ պատճառով Եւդոկիոյ մէջ ութը եկեղեցիներ միեւնոյն 1543 ապրիլ 9 օրը այրուած ըլլալը կը յիշուի տարեգրութեանց մէջ ( ՉԱՄ. Գ. 513): Բարձր Հայոց հայաշատ գաւառին կրած տառապանքը անտանելի երեւցաւ Մաղաքիա Դերջանցի վարդապետին, որ այն ատեն ազդեցիկ դիրք ունէր այն կողմերը, ոչ միայն իր բանիբուն հմտութեամբ, այլեւ աշխարհաշէն ձեռնարկներով, եւ որուն անունը մենք ալ անձամբ կարդացած ենք Կոթերի եկեղեցւոյն մէջ թէ նորոգեցաւ 974=1525-ին ձեռամբ Մաղաքիա վարդապետի, եւ մեծ կամուրջին վրայ ալ` թէ 989=1540-ին կապեցաւ ձեռամբ Մաղաքիա վարդապետին: Մաղաքիա արդէն ծերացեալ, բայց սրտով առոյգ, անձամբ եկաւ Կոստանդնուպոլիս, ուր պատրիարք էր իր մէկ նախկին աշակերտը, Աստուածատուր Եաղուպեան եպիսկոպոսը (09. ԱՄՍ. 232): Գրիգոր Բիւզանդացի պատրիարքին յաջորդը, եւ ամէն ջանք ու միջնորդութիւն գործածեց, մինչեւ որ յաջողեցաւ կայսերական արտօնութիւն ստանալ Դերջանի ու Բաբերդի ու շրջակայից մէջ Հայերուն մանկաժողովը դադրեցնելու: Մերձաւոր հաշուով հնար է 1545-ին դնել Դերջանցիին յաջողութիւնը: Օրինակը քաջալերիչ եղաւ ուրիշ գաւառներու ալ, որ յատուկ դիմումներով եւ յարմար միջոցներով ուրիշ մասնաւոր արտօնութիւններ ձեռք ձգեցին, եւ այսպէս հետզհետէ նուազեցաւ մանկաժողովի դրութիւնը, մինչեւ որ ատեն անցնելով իսպառ խափանուեցաւ ( ՉԱՄ. Գ. 513):