Տ.
ԱԲՐԱՀԱՄ
Բ.
ԽՈՇԱԲԵՑԻ
1964.
ՊԱՐՍԿԱՍՏԱՆԻ
ՎԻՃԱԿԸ
Կարապետ
կաթողիկոսի
մահուան
միջոցին
Երեւանի
նահանգին
քաղաքական
կացութիւնը
բոլորովին
հանդարտ
չէր:
Իրաւ
երկիրը
Օսմանեան
տիրապետութեան
ներքեւ
էր,
բայց
Պարսկական
մրցումը
դադարած
չէր:
Մահմուտ,
Աֆղանի
յաղթականը
(§
1930),
իր
անգութ
եւ
բռնակալ
իշխանութիւնը
եղերական
կերպով
վերջացուցած
էր:
Չորս
տարի
արիւնռուշտ
թագաւորութենէ
ետքը,
1725-ին
յանկարծ
խղճահարելով,
խիստ
ապաշխարութեան
ենթարկած
էր
զինքը,
մութ
քարայրի
մը
մէջ
անսուաղ
խոշտանգանքներով,
ուսկից
15
օր
ետքը
խելայեղեալ
դուրս
ելած
էր
կատաղի
մոլեգնութեամբ,
իր
միսերը
ուտելու
աստիճան:
Այնպէս
որ
իր
մայրն
(
ՏՊԷ.
360)
եւ
իր
եղբօրորդին
Էշրէֆ
(
ԺՈՒ.
331),
զայն
խեղդել
տուած
էին
այդ
կացութեան
վերջ
տալու
համար:
Այսպէս
1725
ապրիլին
Էշրէֆ
թագաւորութեան
տիրացած
էր
Ասպահանի
մէջ,
մինչ
Թահմազ
գաւառներու
մէջ
կը
դեգերէր.
իսկ
Ռուսեր
ու
Օսմանցիներ
Պարսիկ
գաւառները
իրենց
մէջ
բաժնելու
կ՚աշխատէին
(§
1932):
Թահմազ
եւ
Էշրէֆ
հաւասարապէս
հետամուտ
էին
Օսմանցոց
պաշտպանութիւնը
ապահովել
իրենց
գաւառներուն
գնովը,
երբոր
հրապարակի
վրայ
երեւցաւ
նոր
անձնաւորութիւն
մը,
Նատիր`
Թիւրքմէններու
Աֆշար
ցեղէն,
ստորին
դասակարգի
զաւակ,
որ
բախտին
բերմամբ
ալեկոծ
կեանք
մը,
եւ
բարձրացումներ
ու
անկումներ
ունենալէ
ետք,
աւազակապետ
մը
եղած
եւ
ամէնուն
վրայ
ահուսարսափ
թողած
եւ
անպարտելի
մարդ
մը
ճանչցուած
էր
(
ՏՊԷ.
361):
Նատիր
Թահմազի
կողմը
անցած
էր
1726-ին,
երբոր
սա
Խորասան
գաւառը
կը
դեգերէր:
Աֆղաններուն
դէմ
ելլելով,
ընկճած
էր
անոնց
ոյժը:
Էշրէֆն
ալ
Ասպահանէ
փախուցած,
եւ
Թահմազը
յաղթանակով
իր
հօրը
մայրաքաղաքը
դարձուցած,
եւ
անոր
իշխանութիւնը
ապահովցուցած
էր
Էշրէֆը
սպաննելով,
եւ
Աֆղանները
կոտորելով
եւ
ցրուելով
(
ԺՈՒ.
332):
Այդ
պատերազմները
բաւական
երկար
տեւեցին,
եւ
երբ
Նատիր
Աֆղանները
կը
հալածէր,
Թահմազ
ուրախ
օրեր
կ՚անցընէր
Ասպահանի
մէջ:
Իսկ
սահմանագլուխները
կը
մնային
միեւնոյն
դիրքի
մէջ,
թէեւ
երկու
կողմէն
ալ
խլրտումներ
անպակաս
էին:
Ճիշդ
այդ
միջոցին
կ՚իյնար
Կարապետի
մահը
(§
1954),
երբ
կը
շարունակէր
Օսմանեան
տիրապետութիւնը
Երեւանի
եւ
Էջմիածինի
վրայ:
1965.
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ
ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ
Այս
պատճառով
նոր
կաթողիկոսի
ընտրութիւնը
Օսմանեան
հովանաւորութեան
ներքեւ
կատարուեցաւ,
բայց
ոչեւս
Կ.
Պոլսոյ
մէջ,
ինչպէս
եղած
էր
Կարապետի
ընտրութիւնը
(§
1944),
այլ
նոյնինքն
Մայրաթոռի
մէջ,
ուր
տարիներէ
իվեր
Օսմանեան
կառավարութիւնը
մնայուն
վիճակ
ստացած
էր:
Չէ
ըսուած
թէ
ինչ
ազդեցութիւններ
եւ
ինչ
թելադրութիւններ
առաջնորդեցին
ընտրութեան,
բայց
ընտրեալին
վրայ
դարձնելով
դիտողութիւննիս,
դիւրաւ
կը
կարծենք
պարզել
այդ
կէտը:
Ընտրեալն
է
Աբրահամ
եպիսկոպոս,
Մշոյ
Ս.
Կարապետ
վանքին
առաջնորդը,
որուն
այդ
պաշտօնը
յանձնած
էր
Գրիգոր
Շղթայակիրը`
անկէ
հեռանալուն
ատեն
(§
1924):
Աբրահամ
Գրիգորի
Եղբօրորդին
եւ
աշակերտն
էր
(
ԱՍՏ.
Բ.
104),
կամ
աւելի
ճշդութեամբ`
աշակերտակիցն
էր,
ուստի
կամ
Կոլոտ
եւ
Շղթայակիր
թելադրեցին
անոր
անունը,
եւ
կամ
Մայրաթոռի
ընտրողները
մտածեցին
Կոլոտի
եւ
Շղթայակիրի
համակիր
եւ
սիրելի
անձ
մը
յառաջ
կոչել,
բայց
միշտ
յայտնի
կ՚երեւի
թէ
Կ.
Պոլսոյ
եւ
Երուսաղէմի
պատրիարքներուն
համամիտ
ազդեցութիւնը
տիրեց
Աբրահամի
ընտրութեան
մէջ:
Աբրահամ
բնիկ
Խոշաբեցի
ըսուած
է,
Վանայ
հարաւակողմը
Հայոցձորի
սահմանակից
գաւառին
աւանէն,
եւ
գիտենք
թէ
Շղթայակիրն
ալ
Շիրուանցի
էր:
Աբրահամ
ալ
կը
պատկանէր`
Վարդանի
մահուանէ
ետքը,
Ամրտոլէ
Գլակ
փոխադրուող
միաբաններուն,
ինքն
ալ
աշխատած
էր
Ս.
Կարապետի
համար,
նուիրակութեան
ելած
էր
(§
1910),
եւ
Շղթայակիրէ
ու
Կոլոտէ
ետքը`
Վարդանի
ընտրելագոյն
հետեւողներէն
նկատուած
էր,
եւ
Գլակայ
առաջնորդութեան
կոչուած
էր:
Նա
կը
նկարագրուի
իբր
այր
առաքինի
եւ
ճգնազգեաց,
հեզ
եւ
բարեբարոյ,
աղօթասէր
եւ
տօնակատար
(
ՋԱՄ.
29):
Իբրեւ
գործունէութիւն
ալ
օգտակար
եղած
էր
Գլակի,
օգտակար
ալ
եղաւ
Էջմիածինի:
Միայն
թէ
տարիքը
առած
էր,
եւ
երկար
պաշտօնավարութիւն
չունեցաւ.
պարագաներն
ալ
չէին
ներեր
մեծամեծ
ձեռնարկներու
սկսիլ.
բաւական
էր
որ
խաղաղ
վիճակ
մը
կարենար
պահել,
եւ
շէն
պահպանել
Մայրաթոռը,
ինչ
որ
իրօք
ըրած
է
Երեւանեցիին
վկայութեամբ
(
ՋԱՄ.
30):
Աբրահամի
կաթողիկոսութիւնը
կը
դրուի
1730-ին,
Կարապետի
մահուընէ
քանի
մը
ամիս
ետքը,
սակայն
թէ
ընտրութեան
եւ
թէ
Էջմիածին
հասնելուն
եւ
օծուելուն
ամսաթիւերը
գրուած
չեն:
Նկատելով
որ
խոր
ձմեռուան
մէջ
դիւրին
չէր
Մուշէ
Էջմիածին
ուղեւորիլ,
հաւանական
կը
դատենք
օծումը
դնել
1730
մարտին,
զատկին
մօտերը,
որ
այն
տարի
մարտ
29-ին
կ՚իյնար:
Այս
հաշիւը
կ՚արդարանայ
Աբրահամու
կաթողիկոսութեան
4
տարի
եւ
իբր
9
ամիս
տեւողութիւն
նշանակուելէն
մինչեւ
իր
մահը
1734
նոյեմբեր
11-ին
(
ՇԱՀ.
Ա.
226):
Աբրահամ
անխտիր
կը
կոչուի
Խոշաբեցի`
ծննդավայր
գիւղէն,
Քիւրտիստանցի`
գաւառին
կոչումէն
(
ՉԱՄ.
Դ.
805),
եւ
Մշեցի`
իր
առաջնորդական
վիճակէն
(
ՋԱՄ.
29),
բայց
նախադասելի
է
ծննդավայրէն
մականուանել:
Շատ
քիչ
տեղեկութիւն
ունինք
իր
գործունէութեան
վրայ,
հետեւաբար
պիտի
գոհանանք
ժամանակակից
դէպքերը
յառաջ
բերելով:
1966.
ՆԱՏԻՐԻ
ԵՐԵՒՆԱԼԸ
Այն
միջոցին
երբ
տակաւին
Նատիր
Պարսկաստանի
արեւելակողմը
Աֆղաններու
եւ
ուրիշ
ապստամբ
ցեղերու
դէմ
պատերազմելու
զբաղած
էր
(§
1964),
Թահմազ
պատգամ
ղրկեց
Օսմանցոց,
որ
Պարսկաստանէ
գրաւած
գաւառները
ետ
դարձնեն:
Սուլտան
Ահմէտ
Գ.
եւ
եպարքոս
Տամատ
Իպրահիմ
փաշա
բանակցութեանց
մտնելու
կը
միտէին,
երբ
ժողովրդական
յուզումը
պատերազմ
կը
պահանջէր
անպատճառ:
Եպարքոսը
ճամբայ
ելաւ,
այսինքն
Իւսկիւտար
անցաւ
1730
օգոստոս
3-ին,
եւ
կը
սպասէր
որ
սուլտանն
ալ
հետեւէր,
բայց
նա
կը
դանդաղէր,
եւ
այս
պատճառով
սեպտեմբեր
28-ին,
Եէնիչէրիներու
ապստամբութիւնը
սկսաւ`
Բաթրօնա
Խալիլ
պարզ
սպայի
մը
գլխաւորութեամբ
(
ԺՈՒ.
332),
եւ
գործը
մինչեւ
եպարքոսին
սպանութիւնը
եւ
կայսեր
գահընկէցութիւնը
յառաջացաւ.
Ահմէտ
Գ.
բանտարկուեցաւ,
եւ
եղբօրորդին
Մահմուտ
Ա.
գահ
բարձրացաւ:
Անմիջապէս
Պարսից
դէմ
պատերազմը
հռչակուեցաւ,
չորս
սպարապետներ
չորս
կողմէն
յարձակեցան:
Թահմազ
որ
անձնապէս
գրգռած
էր
այդ
պատերազմը,
չարաչար
յաղթուեցաւ,
եւ
1732
յունուար
10-ին,
հաշտութիւն
ստորագրեց,
որով
Օսմանցիներ
աւելի
եւս
կ՚ընդարձակէին
իրենց
պետութիւնը
(
ԺՈՒ.
336):
Նատիր`
Աֆղաններու
դէմ
յաղթութենէն
դառնալով,
եւ
Թահմազի
ինքնագլուխ
պատերազմի
ելլելուն
եւ
յաղթուելուն
զայրացած,
Ասպահանի
մէջ
Թահմազը
գահընկէց
հռչակեց,
եւ
Խորասան
աքսորեց
իբր
բանտարկեալ,
եւ
Թահմազի
ութն
ամսու
որդին
կայսր
հռչակեց
Աբաս
Գ.
անունով,
եւ
իր
խնամակալութեան
ներքեւ
(
ՏՊԷ.
362),
կամ
աւելի
ճիշդ
իշխանութիւնը
ձեռք
առաւ:
Նատիր,
որչափ
ալ
Թահմազը
մերժեց,
բայց
պահեց
Թահմազ-Ղուլի
անունը,
որ
է
Թահմազի
ծառայ,
զոր
իբր
պատիւ
իր
վրան
առած
էր`
Թահմազի
պաշտպանութեան
եղած
ատենը:
Նատիր
պատերազմ
հռչակեց
Օսմանցիներու
դէմ,
եւ
առաջ
դէպի
Պաղտատի
կողմերը
արշաւեց,
1733
յուլիս
19-ին
Տուլճէյլիքի
ճակատամարտը
կորսնցուց
(
ԺՈՒ.
338),
բայց
երեք
ամիսէն
վրէժը
լուծեց:
Պաղտատի
կողմէն
Օսմանցոց
արշաւանքը
կասեցուց,
եւ
Երասխի
կողմերը
դառնալով
հետզհետէ
հին
Պարսկական
գաւառներու
սկսաւ
տիրանալ:
Բնական
էր
որ
այդ
պատահարները
պիտի
դառնացնէին
Աբրահամ
կաթողիկոսի
վերջին
օրերը,
զի
1734-ին
Հայաստանի
մէջ
տեղի
կ՚ունենային
պատերազմի
արհաւիրքները,
որոնք
մինչեւ
յաջորդ
1735
տարին
շարունակեցին:
Իսկ
Աբրահամ,
ինչպէս
յիշեցինք
(§
1965),
1734
նոյեմբեր
11-ին
կնքեց
իր
կեանքը:
1967.
ՂԱԼԱԹԻՈՅ
ԵԿԵՂԵՑԻՆ
Կոստանդնուպոլսոյ
աթոռին
գործերը
իրենց
սովորական
ընթացքը
կը
պահէին
Յովհաննէս
Կոլոտի
բարեջան
աշխատութեանց
շնորհիւ,
որ
տարօրինակ
յաջողութեամբ,
կամ
լաւ
եւս
յաջողակութեամբ,
բաւական
տարիներէ
իվեր
անփոփոխ
կը
մնար
պատրիարքական
աթոռին
վրայ:
Մայրաքաղաքին
մէջ
սովորական
հրդեհներէն
մէկն
ալ
Ղալաթիոյ
թաղը
աւերեց
1731-ին,
եւ
Յոյներու
չորս
եկեղեցիներու
հետ
Հայոց
Ս.
Լուսաւորիչն
ալ
այրեցաւ,
եւ
պարագայից
բերմամբ,
ներքին
եւ
արտաքին
շփոթութեանց
պատճառով,
դժուար
եղաւ
վերաշինութեան
հրամանը
ստանալ:
Այս
երեսէն
Կոլոտ
պէսպէս
նեղութիւնս
եւ
չարչարանս
կրեաց,
եւ
ոչ
եղեւ
հնար
յումեքէ
(
ՀՆՆ.
168):
Բարեբախտութիւն
մը
եղաւ
Հէքիմզատէ
Ալի
փաշային
եպարքոսութեան
բարձրանալը,
որ
իր
ծանօթ
Սեղբեստրոս
Երեւանեանցը
անուանեց
ծայրագոյն
վաճառապետ
դրանն
արքունական,
եւ
սա
իր
ազդեցութիւնը
գործածեց
(
ՀՆՆ.
169),
որով
1732
դեկտեմբեր
15-ին
հրովարտակը
ստացուեցաւ
(
ԿՈԼ.
32):
Շինութիւնը
ամենայն
փութաջանութեամբ
առաջ
տարուեցաւ,
այնպէս
որ
1733
մարտ
10-ին,
Գրիգոր
Լուսաւորչին
Մուտն
ի
վիրապին
օրը,
Կոլոտ
սրբագործեալ
էօծ
նորաշէն
եկեղեցին,
որ
է
ըսել,
երեք
ամիսէ
պակաս
միջոցի
մէջ.
սակայն
չենք
կարծեր
թէ
բոլոր
զարդերով
լրացած
ըլլայ
այդ
կարճ
ատենի
մէջ,
զի
գլխաւոր
ճարտարապետն
Սարգիս
խալֆան,
հրաշազան
յօրինուածովք
գեղեցկացուցեալ
է
զսրբազան
եկեղեցին
այն
(
ՀՆՆ.
170),
եւ
հարկաւ
զարդի
աշխատութիւնները
շարունակեցին
եկեղեցիին
գործածելի
ըլլալէն
ետքն
ալ:
Շինութեան
գլխաւոր
բարերարն
եղաւ
Սեղբեստրոս
Երեւանեանցը,
ազգայիններն
ալ
նպաստեցին
միապէս
ի
յերկուց
կողմանց
(
ՉԱՄ.
Գ.
805),
իմա'
լատինամիտներն
ալ
մասնակցեցան:
Բայց
այս
մօտաւորութիւնը
նորէն
Լատիններուն
աչքին
զարկաւ,
եւ
նոր
հրամաններ
ու
մտաց
պղտորումներ
ցանուեցան
Լատին
եպիսկոպոսին
եւ
քարոզիչներուն
կողմէն,
իրենց
հետեւողները
Հայոց
եկեղեցիներէն
հեռացնելու
համար:
Ասոնց
ստիպեալ
համակերպութիւնը
անգամ
մըն
ալ
կառավարութեան
մտադրութիւնը
հրաւիրեց,
որ
չէր
կրնար
ներել
օտարներու
հետ
մտերմութիւնը
եւ
անոնց
հպատակութիւնը,
ուստի
փոխադարձաբար
նոր
զգուշութիւններ
եւ
նոր
արգելքներ
հրամայեց,
որով
օտար
եկեղեցի
յաճախողները
ձերբակալուեցան,
բայց
տուգանքով
թողուեցան:
Լատիններ
ալ
Գաղղիական
դեսպանին
միջամտութիւնը
գրգռեցին,
որ
էր
Լուդովիկոս
Վիլնէօվ
մարքիզը
(Louis-Sauveur
marquis
de
Villeneuve).
սա
ալ
Գերմանական
դեսպանը
ընկերակից
առնելով,
իբր
թէ
իրենց
տէրութիւնները
անարգեալ
ցուցուցին,
Լատին
եկեղեցիներուն
դէմ
դրուած
արգելքով:
Կառավարութիւնը
ստիպեալ
հրամանները
մեղմացուց,
եւ
Կոլոտ
առիթ
գտաւ
նորէն
հաշտարար
միջոցները
ձեռք
առնելու,
եւ
Լատին
եպիսկոպոսին
եւ
Գաղղիական
դեսպանին
դիմեց,
որ
իրենց
կողմէ
ալ
Հայ
եկեղեցիներու
դէմ
դրած
արգելքնին
վերցնեն:
Անոնք
չկրնալով
բացէբաց
մերժել,
երկդիմի
յայտարարութիւններ
ու
պահանջներ
հանեցին,
նզովքի
շարականին
ծանօթ
տուներուն
խնդիրը
բացին,
որոնք
արդէն
պաշտօնապէս
դադարած
էին
(§
1952),
եւ
միայն
իբր
փոխադարձ
հակառակութիւն
ոմանց
կողմէն
կ՚երգուէին:
Այդ
բանակցութիւնները
թէպէտ
վերջնական
արդիւնք
չունեցան,
բայց
անգամ
մըն
ալ
մեղմացուցին
մրցակից
հակառակութիւնները:
Վերոյիշեալ
ծանօթ
տուներուն
դադարումը
Կարապետ
Ուլնեցիի
կաթողիկոսական
իշխանութեամբը
հրամայուած
էր,
եւ
Կոլոտ
Աբրահամ
կաթողիկոսի
ալ
դիմած
կ՚ըսուի
այդ
մասին
(
ՉԱՄ.
Գ.
806),
թէպէտ
որոշ
յիշատակութիւն
չենք
գտներ:
1968.
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ
ԳՈՐԾԵՐ
Երուսաղէմի
գործերը
թողուցինք
1729-ի
ծռազատիկին,
որ
Շղթայակիրի
հոգածութեամբ
հանդարտ
անցած
էր:
Ուրիշ
տեղեր
ծագած
շփոթներուն
արձագանգն
ալ
թեթեւ
անցեր
էր
Երուսաղէմի
մէջ
(§
1959),
բայց
Յոյներ
սկսած
էին
նորանոր
խնդիրներ
յուզել,
երբոր
պատրիարքութեան
անցաւ
Մելետիոս,
եւ
փոխանորդ
եղաւ
Կեսարիոս,
եւ
կ՚ուզէին
Հայերը
բոլոր
իրաւունքներէ
կապտել,
եւ
նոյնիսկ
Ս.
Յակոբեանց
վանքը
գրաւել:
Գրիգոր
Շղթայակիր,
որ
հաշտարար
միջոցներով
ծռազատիկի
խնդիրը
փակեր
էր,
աշխատեցաւ
նոյն
ձեւը
գործածել:
Իրեն
աջակիցն
էր
Հաննա
վարդապետ,
սակայն
1730-ին
նա
խօթացաւ
(
ԱՍՏ.
Բ.
31),
եւ
Շղթայակիրն
ալ
ծերացած,
գրեց
Կ.
Պոլիս,
որ
Կոլոտ
գայ
եւ
տէր
լինի
աթոռին,
եւ
կամ
ղրկէ
իր
աշակերտներէն
Յակոբ
վարդապետը,
որ
է
Յակոբ
Զիմառացին,
ազգատոհմին
անունով
Նալօղլու
կամ
Նալեան
կոչուածը:
Այսու
հանդերձ
Շղթայակիր
իր
աշխատութիւնը
շարունակեց,
եւ
Յոյներու
հետ
երդմամբ
եւ
ուխտով
հաշտութիւն
կնքուեցաւ,
սակայն
այդ
հաշտութիւն
եւ
երդումն
Յունաց,
թովիչ
իմն
էր
լսելեացն
Հայոց,
արկանել
զնոսա
ի
քուն
թմրութեան
եւ
անհոգութեան:
Վասնզի
միւս
կողմէն
Յունաց
պատրիարքը
կը
պատրաստուէր
Կ.
Պոլիս
երթալ
եւ
խնդիրներ
յուզել,
թէպէտ
կը
վստահացնէր
Շղթայակիրը,
թէ
մի'
անկցի
ի
սիրտ
քո
թէ
գնամ
ես
կռուոյ,
այլ
վասն
գործոց
իմոց
(
ԱՍՏ.
Բ.
34):
Այդ
միջոցին,
1732-ին,
Նալեան
Երուսաղէմ
կու
գար,
եւ
Շղթայակիրը
զայն
իրեն
փոխանորդ
նշանակելով
Կ.
Պոլիս
կը
դարձնէր,
որ
Երուսաղէմի
շահերուն
հսկէ
(
ԱՍՏ.
Բ.
31),
զի
միշտ
կասկածով
էր
Յոյներուն
վրայ:
Շղթայակիրին
դժբախտութենէն
քիչ
ետքը
1733
յունիս
11-ին
կը
վախճանէր
Հաննա,
անոր
աջբազուկը,
աւելի
քան
աջակիցը
որ
շատոնց
խօթացեալ
եւ
տկարացեալ
էր,
եւ
կը
թաղուէր
Ս.
Փրկիչ
վանքը
(
ԱՍՏ.
Բ.
30):
Շղթայակիր
այլայլած
եւ
շփոթած
կը
մտածէ
պատրիարքութենէ
քաշուիլ,
եւ
այդ
միտքով
Կ.
Պոլիս
ալ
կը
գրէ,
որ
իրեն
յաջորդ
մը
հոգան:
Արդէն
ես,
կ՚ըսէ
ի
գագաշեալ
ծերութիւն
հասած
եմ
(
ԱՍՏ.
Բ.
31),
եւ
սխալներ
ալ
կը
գործեմ,
ինչպէս
որ
ընդ
իս
ցասուցեալ
էք
վասն
հաշտութեանս
զոր
արարի
ընդ
Յոյնս
(
ԱՍՏ.
Բ.
32),
իբր
զի
Յոյն
պատրիարքը
արդէն
Կ.
Պոլիս
հասած,
եւ
Հայերու
դէմ
խնդիրներ
յուզել
սկսած
էր:
Բայց
Կոլոտ
ուժգնակի
դիմադրեց
Յոյներու
նենգութիւններուն,
եւ
օգտուելով
Հէքիմզատէ
Ալի
փաշայի
ուղղութենէն
եւ
խոհականութենէն
(
ԺՈՒ.
339),
յաջողութիւն
ունեցաւ,
եւ
կրկին
նորոգեաց
զեղծեալ
եւ
զպատառոտեալ
հին
արքունական
հրամանսն,
զթերին
լրացուցանելով,
եւ
զնոսա
հատտիհումայուն
ընել
տալով
(
ՀՆՆ.
166):
Այդ
հրովարտակը
եւ
շատ
ծանրագին
ընծաներ
եւ
սպասներ
Երուսաղէմ
ղրկուեցան
Նալեանի
ձեռքով,
որուն
վրայ
Շղթայակիրը
բերկրեցաւ
յոյժ:
Այդ
եղելութիւնները
տեղի
կ՚ունենային
1734
սեպտեմբերին,
որ
կը
համեմատի
Աբրահամ
կաթողիկոսի
վերջին
օրերուն:
Ուրախալի
եւ
յաջող
կացութիւնը
երկարատեւ
չեղաւ,
Հէքիմզատէ
եպարքոսը
ուզեց
անձամբ
Պարսից
խնամակալ
Նատիրին
կողմէ
բացուած
պատերազմին
երթալ
(§
1966),
ինչ
որ
պալատական
բանսարկութեանց
դուռ
բացաւ:
Եպարքոսը
պաշտօնանկ
եղաւ,
Կիւրճի
Իսմայիլ
փաշա
տեղն
անցաւ,
որ
թէպէտ
վեց
շաբաթ
միայն
պաշտօնի
վրայ
մնաց
(
ԺՈՒ.
339),
սակայն
բաւական
եղաւ
Հայոց
դիրքը
խախտելու:
Մանրամասնութիւնները
իրենց
հետեւանքներով
կը
պատկանին
յաջորդ
կաթողիկոսին
օրերուն:
1969.
ԱԲՐԱՀԱՄ
ԿՐԵՏԱՑԻ
Աբրահամ
Խոշաբեցի
կաթողիկոսին
գործունէութեան
մասին
ընդարձակ
յիշատակութիւններ
չեն
հասած,
ինչպէս
ըսինք.
միայն
իր
վերջին
օրերուն
մանրամասնութիւնները
կը
գտնենք
Աբրահամ
Կրետացիի
պատմագրութեան
մէջ,
եւ
կ՚ուզենք
գոնէ
անոնք
քաղել
իբր
հետաքրքրական
տեղեկութիւններ:
Աբրահամ
Կրետացին,
որ
ասոնք
կ՚աւանդէ,
ծննդեամբ
Կրետացի
էր,
Գանտիա
քաղաքէն,
եւ
ի
յոյն
մօրէ
(
ՉԱՄ.
Գ.
806):
Անշուշտ
Կրետէ
չէր
կրնար
անոր
Հայ
եկեղեցական
դաստիարակութիւն
տալ,
ուստի
կանուխէն
հայաշատ
կեդրոն
մը
փոխադրուած
եւ
հայկական
ուսում
առած
պիտի
ըլլայ.
բայց
ինքն
ալ
չի
յիշեր
իր
աշակերտութիւնը,
եւ
ոչ
իրեն
վարդապետը
եղած
մէկու
մը
անունը
կու
տայ:
Իր
հաշուով
1709-ին
Թրակիոյ
քաղաքին,
որ
է
Ռոտոսթոյ
կամ
Թէքիրտաղ,
առաջնորդ
եղած
է
(
ԿՐԵ.
1),
եւ
ըստ
այսմ
Աղեքսանդր
Ջուղայեցիէ
եպիսկոպոս
ձեռնադրուած
պիտի
ըսուի:
Զարմանալի
կը
թուի
որ
ոչ
ժամանակակից
յիշատակներ,
եւ
ոչ
ինքն
ակնարկ
մը
չունին
թէ
ինչ
դեր
ունեցած
է
այն
անվերջ
խնդիրներու
մէջ,
որոնք
մայրաքաղաքի
եւ
շրջակայից
մէջ
կը
յուզուէին
կաթոլիկութեան
երեսէն,
եւ
պէտք
կ՚ըլլայ
որ
իրեն
իբր
արժանիք
վերագրենք,
եթէ
իրօք
կրցաւ
իր
վիճակը
զերծ
պահել
այդ
տեսակ
շփոթութիւններէն:
Իր
առաջնորդութեան
տասներորդ
տարին,
1719-ին
Երուսաղէմ
ուխտի
կ՚երթայ,
եւ
երկու
տարի
կը
մնայ
այնտեղ,
ճիշդ
այն
միջոցին
որ
զանազան
ազգեր
կ՚աշխատէին
նորոգութեան
աշխարհագումար
տաճարին
Սրբոյ
Յարութեան
եւ
ամենայն
սրբոց
տնօրինականաց
(
ԿՐԵ.
1):
Ուխտատեղիներ
պտտելու
մեծ
փափաքով
մտադիր
էր
Հայաստանի
վանքերը
ու
սրբավայրերը
շրջիլ
Էջմիածինէ
սկսելով,
բայց
առաջին
ուխտագնացութենէն
հազիւ
15
տարի
ետքը
կը
յաջողի
գործադրել,
եւ
1734
ապրիլ
27-ին
Ռոտոսթոյէ
մեկնելով,
100
օրուան
ուղեւորութեամբ
նոյն
տարւոյ
օգոստոս
3-ին,
շաբաթ
օր,
ժամ
առաւօտեան
երեքին
Էջմիածին
կը
մտնէ
(
ԿՐԵ.
2):
Անշուշտ
ցամաքի
ճամբորդութեամբ
ուղեւորած
է,
եւ
ճամբուն
վրայ
եղող
քաղաքներ
եւ
վանքեր
ատեն
անցուցած
է:
Կրետացիին
միտքն
էր
Էջմիածինի
ուխտը
ընելով,
անցնիլ
Տարոն,
Գլակայ
Ս.
Կարապետի
վանքը,
բայց
Աբրահամ
կաթողիկոս,
որ
քսան
ամէ
ի
վեր
ունեցած
փափաքին
լրումը
կը
տեսնէր
(
ԿՐԵ.
2),
չթողուց
որ
մեկնի,
եւ
միւս
տարին
միասին
երթալու
խոստումով
մօտը
պահեց,
եւ
Կրետացիին
ուղեկից
Ռոտոսթոցի
եւ
Կոստանդնուպոլսեցի
աւելի
քան
զքսան
ուխտաւորներ`
առանց
անոր
մեկնեցան
օգոստոս
24-ին,
շաբաթ
օր,
Կաղզուանի
առաջնորդ
Յովհաննէս
վարդապետի
գլխաւորութեամբ
(
ԿՐԵ.
3):
1970.
ԿՐԵՏԱՑԻՆ
ՅԷՋՄԻԱԾԻՆ
Օգոստոս
24-էն
մինչեւ
նոյեմբեր
11
անցնող
երկուքուկէս
ամիսներուն
մէջ
երկու
անուանակիցներ
գրեթէ
իրարմէ
անբաժան
կեանք
մը
անցուցին:
Երեքշաբթի
օր,
օգոստոս
27,
միասին
կը
մեկնին
շրջակայ
վանքերը
պտոյտ
մը
ընելու`
տասնէ
աւելի
միաբան
եպիսկոպոսներու
եւ
վարդապետներու
ուղեկցութեամբ:
Առաջ
կ՚երթան
Յովհաննավանք,
ուր
կաթողիկոսը
նոր
խորանի
ու
սեղանի
մը
օծումը
կը
կատարէ,
հոնկէ
կ՚անցնին
Սաղմոսավանք,
ուր
Լուսաւորչի
անապատը
կայցելեն,
եւ
հետզհետէ
Ուշի,
Փարպի,
Կարբի,
Մուղնի
եւ
Օշական
հանդիպելով
Էջմիածին
կը
դառնան
(
ԿՐԵ.
4):
Կրետացին
դիտել
կու
տայ,
թէ
կաթողիկոսն
աճապարէր
դառնալ
ի
սուրբ
գահն,
զի
էր
ժամանակն
խառնակ,
եւ
ազգի
զրոյցք
գային
ի
լսելիս
վեհին,
վասն
գալստեան
Թահմազ
խանին,
այսինքն
է
Թահմազղուլի
Նատիրին,
եւ
շարժիլ
զօրացն
Պարսկային
(
ԿՐԵ.
4),
ինչպէս
մենք
ալ
արդէն
յիշեցինք
(§
1966):
Կրետացին
սակայն,
Էջմիածինի
մէջ
հիւր
ըլլալով,
ազատութիւն
կ՚ունենայ
պտտիլ.
նորէն
շաբաթ
մը
կ՚անցընէ
Լուսաւորչի
անապատը
Սաղմոսավանքի
մօտ,
եւ
հոկտեմբեր
16-ին
նոր
պտոյտ
մըն
ալ
կը
սկսի,
Երեւան,
Խորվիրապ,
Ակոռի,
Հաւուցթառ,
Այրիվանք,
Գառնի,
Նորք,
եւ
Ձագավանք,
ուր
կ՚ընդունի
կաթողիկոսէն
շուտով
ետ
դառնալու
հրամանը,
վասն
խօթութեան
պատահելոյ
նմա,
եւ
զի
համայնք
խօթացեալ
էին
միաբանքն
ի
սուրբ
աթոռն:
Կրետացին
կը
հասնի
նոյեմբեր
4-ին
երեքշաբթի
օր
(
ԿՐԵ.
6),
եւ
հոն
հասած
կը
գտնէ
Եւդոկիոյ
նուիրակ
Աղեքսանդր
վարդապետը,
եւ
Կոլոտի
աշակերտ
Սարգիս
վարդապետը
(
ԿՐԵ.
6),
որ
է
Սարգիս
Սարաֆեան,
Կոլոտի
յառաջադէմ
աշակերտներէն,
եւ
Կեսարիոյ
առաջնորդ,
որ
Էջմիածին
կու
գար
եպիսկոպոս
ձեռնադրուելու
(
ԳԱԼ.
157):
1971.
ԽՈՇԱԲԵՑԻԻ
ՄԱՀԸ
Կրետացին
Էջմիածին
հասնելով
կաթողիկոսը
անկողին
ինկած
կը
գտնէ
երկու
աւուրբք
յառաջ,
այսինքն
նոյեմբեր
2-ին,
շաբաթ
օր:
Կ՚ուզէ
հիւանդութեան
ինչ
ըլլալը
հասկնալ,
սակայն
ուրիշ
պատասխան
չի
կրնար
առնել,
բայց
եթէ
բոլոր
անձն
իմ
ցաւի,
եւ
ոչ
գիտեմ
զպատճառն
եւ
զուստն
(
ԿՐԵ.
7):
Սակայն
գիտելով
թէ
համայնք
խօթացեալ
էին
միաբանքն
ի
սուրբ
աթոռն,
եւս
եւ
ի
գիւղն,
եւ
թէ
բազումք
մեռան,
ինչպէս
Սարգիս
Թէքիրտաղցի
եւ
Զաքարիա
Բաղիշեցի
վարդապետները,
ու
կաթողիկոսի
փոքրաւոր
Աւետիսը,
եւ
այլք
ի
մահտեսեաց,
եւ
ի
գիւղէն
յոլովք
(
ԿՐԵ.
6),
պէտք
է
հետեւցնել
թէ
վարակիչ
համաճարակի
մը
դիմաց
կը
գտնուինք,
թէպէտեւ
ինչ
ախտ
ըլլալը
որոշելու
չափ
նշաններ
տրուած
չեն:
Կրետացին
իբրեւ
կաթողիկոսին
մտերիմը,
գիշերներ
կը
լուսցնէ
անոր
անկողինին
մօտ,
հիւանդին
եւ
մօտը
եղողներուն
բռնադատութեամբ
միայն
հանգստանալու
կ՚երթար:
Կիրակի,
նոյեմբեր
10-ին
հիւանդին
վիճակը
կը
ծանրանայ.
շուրջ
զմահճովն
նստելով
վարանէաք,
կը
գրէ
Կրետացին,
գիշերուան
մինչեւ
ժամը
5
նորէն
կը
հսկէ,
մինչեւ
որ
ուրիշներ
զինքը
կը
յորդորեն,
թէ
գնա
դու
ի
քո
տեղն,
բայց
հազիւ
երկու
ժամ
անցած,
յետ
հասարակելոյ
գիշերոյն,
կու
գան
զինքն
արթնցնել,
թէ
հիւանդը
այլիմնապէս
երեւի,
եւ
երբ
կու
գայ,
կը
տեսնէ
որ
ի
առ
եւ
ի
տուր
շնչոյն
էր
ի
հոգեվարութեան:
Իրօք
ալ
առաւօտեան
դէմ
յինն
կամ
տասն
ժամու
գիշերոյ,
լոյս
երկուշաբթի,
հոգին
կ՚աւանդէ,
1734
նոյեմբեր
11
երկուշաբթին
չլուսցած:
Կրետացին
մահուան
հեշտ
եւ
հանգիստ
եղած
ըլլալը
բացատրելու
համար
կը
գրէ,
թէ
աւանդեաց
զմաքուր
հոգին
իւր
ի
ձեռն
հրեշտակի
բարւոյ
այնպէս,
որպէս
թէ
ոք
հանցէ
խնձոր
մի
ի
ծոցոյ
եւ
տասցէ
բարեկամին:
Թաղման
կարգը
չեն
կրնար
երկուշաբթի
կատարել,
զի
նոյն
օր
Երեւանի
կուսակալ
Ալի
փաշան
ալ
կը
մեռնի
յառաւօտեան
ճաշու
ժամու,
եւ
թաղման
հրամանագիրը
կ՚ուշանայ,
մինչեւ
որ
կուսակալութեան
գործերը
կը
ստանձնէ
զինուորական
հրամանատար
Տէրէնտէցի
Հիւսէյին
փաշա:
Երեքշաբթի
ինքն
Կրետացին
կը
պատարագէ
եւ
կ՚օծէ,
բայց
Ս.
Գայիանէ
չի
կրնար
երթալ
թաղելու,
վասն
սաստիկ
ջերման,
որ
տենդէր
օր
ընդ
մէջ,
եւ
պատարագէն
վերջ
տենդը
բռնելուն,
կը
պարտաւորուի
անմիջապէս
մահիճ
մտնել.
բայց
չորեքշաբթի
այգը
կը
կատարէ
գերեզմանին
վրայ
զբոլոր
ուխտ
սուրբ
աթոռոյն
միասին
տանելով
(
ԿՐԵ.
7):
Այսպէս
կը
վերջանայ
Աբրահամ
Խոշաբեցիի
կաթողիկոսութիւնը,
երեք
ընկերակից
եկեղեցական
պետերէն
առաջին
ինքն
բաժնուելով
աշխարհէս,
եւ
քակտելով
այն
գեղեցիկ
զուգադիպութիւնը,
որով
Վարդան
Բաղիշեցիի
երեք
աշակերտները,
Խոշաբեցին
ու
Շղթայակիրն
ու
Կոլոտը
միեւնոյն
ատեն
երեք
մեծ
աթոռներուն
վրայ
կը
գտնուէին:
Խոշաբեցին
երեքներուն
մէջ
երիցագոյնն
ու
նախապատիւը
եղած
չ՚երեւար,
զի
մէջերնէն
Շղթայակիրը
եղած
էր
առաջին
անգամ
Գլակայ
առաջնորդ
ընտրուողը
(§
1910),
հետեւապէս
չենք
համարձակիր
տարիքով
ալ
խոր
ծերութեան
հասած
ըսել
Խոշաբեցին:
Մահուան
ալ
համաճարակի
մը
առթիւ
տեղի
ունեցած
ըլլալը,
չստիպեր
այդ
ենթադրութեան
դիմել,
եւ
զարմանալի
է
որ
Կրետացին
ալ,
որ
այնչափ
մանրամասնութիւններ
կը
գրէ,
հանգուցեալ
կաթողիկոսին
տարիքը
չի
նշանակեր: