Ազգապատում. հատոր Բ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ԱԲՐԱՀԱՄ Գ. ԿՐԵՏԱՑԻ

1972. ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐ

Քանիցս յիշեցինք թէ շփոթ ժամանակի մէջ կը պատահէր Խոշաբեցիին մահը, եւ արդէն չորեքշաբթի, 1734 նոյեմբեր 13-ին, Ս. Գայիանէէ դարձող միաբաններ տեսան զբազմութիւն արանց եւ կանանց, որ փախստեայ գային, վասնզի Պարսիկ բանակին մօտենալուն լուրը ամէնուն վրայ ահուսարսափ էր թողած: Միաբաններուն խումբն ալ` Կրետացիին հետ մինչեւ Փարաքար յառաջացած էին Երեւանէ եկած բարապանին ստիպմամբ, եւ հազիւ բազում աղաչանօք, եւ ի ձեռս նորա հինգ ոսկի դնելով, կրցան վանք դառնալ, զի մի գուցէ ի գալ զօրացն Պարսից, գտանիցին ի մէջ բերդին Երեւանայ: Տագնապալից ժամանակը կը ստիպէր անմիջապէս աթոռին գահակալ մը եւ միաբանութեան գլուխ մը տալ. եւ ամէնքը համամիտ գտնուեցան կաթողիկոս ընտրել նոյնինքն Աբրահամ Կրետացին, որ իրաւ հազիւ երեք ամիսէ իվեր Էջմիածին կը գտնուէր, բայց ժիր ու գործունեայ, պետական գործերու հմուտ, եւ տաճկական յարաբերութեանց փորձառու անձ մը կը տեսնուէր, եւ միակ կարողն էր` ներկայ պարագայից պահանջած խոհական եւ աջալուրջ հայրապետն ըլլալ: Այդ համամտութեան մէջ Կրետացին միայն էր որ անհամաձայն կը գտնուէր, եւ ոչ մի կերպով չէր ուզեր կաթողիկոսութեան լուծին ներքեւ մտնել: Բայց միաբաններ իրենց որոշումը տուած էին, եւ մինչեւ իսկ Երեւանի կուսակալութեան հաղորդած էին, եւ չորեքշաբթի երեկոյէն յատուկ բարապան մը եկած էր` զինքն կուսակալութեան մօտ առաջնորդել, որ պաշտօնական գործողութիւնները կատարուին: Անհնար էր պետական հրամանին անսաստել. հինգշաբթի առտու կանուխ, յակամայ կամօք քարքաշ տարան յԵրեւան Կրետացին հինգ վեց վարդապետօք. թէպէտեւ տենդին օրն էր, բայց սաստիկ յուզումներ տենդի դարման են, եւ ինքն ալ կը գրէ, թէ յորում զերծայ ի նոյն օրն ( ԿՐԵ. 8): Երեւանի մէջ առաջ կուսակալութեան դիւանապետին առջեւ կ՚ելլէ, եւ կը սկսի պատճառանքներ յառաջ բերել, թէ ոչ ունիմ կարողութիւն, թէ ղարիպ եւ օտար եմ, եւ թէ հրաման ունիմ որ զիս անդրէն ի վիճակն իմ դարցուցանէք: Դիւանապետը դժկամակութեան յաղթելու համար, զողոքականն ի խրոխտական եւ սպառնական կը դարձնէ, եւ փաշային առջեւ հանել կու տայ, որուն Կրետացին կ՚առաջարկէ, եթէ մեր նախնի սովորութիւնն այն է, որ մահսար առնեն Սպահան եւ Ստամպօլ: Սակայն փաշան անողոք կը մնայ, եւ ամէն պատասխանատուութիւն իր վրան կ՚առնէ, զի ահա, կ՚ըսէ, երկուց կողմանց զօրք եւ պատերազմունք երեւին, եւ Էջմիածին ի վերայ ճանապարհին է, ուստի պէտք է անմիջապէս գլուխ մը ունենայ: Ասոր վրայ, կ՚ըսէ Կրետացին, քարշեցին զիս արտաքս եւ գրեցին զպույրուլթի մի Էջմիածնայ միաբանութեան ուղղուած, թէ որովհետեւ ընտրեցիք եւ կամեցաք զդա լինել ձեզ գլուխ, ահա հրամեցի, զոր օրէնք եւ արարողութիւն ունիք, կատարեցէք ( ԿՐԵ. 9): Այսպէս կը լրանայ Կրետացիին ընտրութեան գործը, նախորդին մահուան չորրորդ օրը, 1734 նոյեմբեր 14-ին:

1973. ՍԱՐԳԻՍ ՍԱՐԱՖԵԱՆ

Սարգիս Սարաֆեանի ներբողաբանը կը գրէ, թէ նա ինքն եղաւ Աբրահամ Կրետացին ընտրելի ցուցնողը, եւ թէ սիւնհոդոսականներէն ոմանք հակառակ էին անոր ընտրութեան. բայց Սարգիս անոնց ընդդիմութեանը յաղթեց, թէ ընտրութեան փութացուցման պէտքը ցուցուց, եւ թէ իր վրան առաւ Կոլոտի հաւանութիւնը առնել, եւ թէ ասոր վրայ կատարուեցաւ Կրետացիին կաթողիկոսական օծումը ( ԳԱԼ. 22-23): Սակայն Կրետացիին ինքնագիր պատմութիւնը ոչ Սարգիսի անունը կու տայ, ոչ միաբաններու ընդդիմութիւնը կը յիշէ, եւ ոչ Սարգիսի երաշխաւորութեան խօսք կ՚ընէ, որով ներբողաբանը` Սարաֆեանի ինքնագով տեղեկութիւններով կազմած պիտի ըլլայ իր պատմութիւնը: Եթէ միաբանութեան մէջ անհամաձայնութիւն գտնուէր, հնար չէր նորեկ Սարգիսին խօսքով` մէկ օրուան մէջ համաձայնութիւնը գոյացնել, զի Խոշաբեցին երկուշաբթիին մեռած էր, եւ չորեքշաբթիին Կրետացիին ընտրութեան պետական գործողութիւնները կատարուած էին, եւ բարապանը ղրկուած էր Էջմիածին: Արդէն յուղարկաւորութեան նախագահութիւնն ալ Կրետացիին թողուիլը, նախորդը չմեռած միտքերուն պատրաստուած ըլլալը կը ցուցնէ, մինչ Սարաֆեան` Խոշաբեցիին անկողին իյնալէն ետքը հասած էր, ինչպէս իր ներբողաբանն ալ կ՚ընդունի ( ԳԱԼ. 21): Պարսկաստանի եւ Տաճկաստանի հաւանութեան չսպասելու որոշումը տուողը` առժամեայ կուսակալն էր, ուստի մեր կարծիքով հիմնական չեն երեւիր Սարաֆեան Սարգիսի փառաբանութեան համար ցուցուած պարագաները, եւ Կրետացիին ընտրութիւնը Մայրաթոռի միաբանութեան միաձայն որոշման պէտք է վերագրել: Երեւանէ դառնալէն ետքը տասն օր կ՚անցնի, մինչեւ որ օծման պատրաստութիւններ կը կատարուին, եպիսկոպոսներ եւ վարդապետներ կը հաւաքուին, իշխաններ եւ գիւղաւագներ կը հրաւիրուին, եւ օծումը հանդիսապէս կը կատարուի 1734 նոյեմբեր 24-ին, ի Յիսնակաց կիրակին, այսինքն Յիսնակաց բարեկենդանէ ետքը եկող առաջին կիրակին ( ԿՐԵ. 10): Անմիջապէս յաջորդ օրը, երկուշաբթի 25 նոյեմբեր, եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն տեղի կ՚ունենայ, եւ Սարգիսի հետ ( ԳԱԼ. 24) անշուշտ ուրիշ ձեռնադրուողներ ալ կ՚ըլլան: Սակայն Սարգիս չի մեկնիր, եւ մինչեւ 1735 գարուն Էջմիածին կը մնայ ( ԳԱԼ. 25), ինչ որ պիտի չկարենար ընել, եթէ իրօք ինքն յանձնառու եղած էր Կ. Պոլսոյ Պատրիարքին եւ ժողովուրդին հաւանութիւնը փութացնել: Նորընտիր կաթողիկոսը նեղութեամբ կ՚անցընէ ձմեռը, վասնզի ներսէն կը նեղուէր վասն պակասութեան փողից, որ ոչ գոյր ամենեւին. իսկ դուրսէն վստահ չէր կացութեան վրայ: Նատիր Գանձակը պաշարած էր, իսկ Օսմանցոց կողմէ սպարապետ Քէօբրիւլիւ Ապտուլլահ փաշա, հզօր բանակով Ամիդէ ելած կը յառաջէր Պայազիտի եւ Կարսի ճամբով, եւ Երեւանի եւ Տփղիսի զօրավարներուն պաշարի ու պարէնի հրամաններ էր յղած ( ԿՐԵ. 10): Նատիրի գործերը, որչափ ալ ուղղակի եկեղեցական կերպարան չունենան, բայց որովհետեւ կաթողիկոսը անձամբ մասնակից եղած է, եւ ինքն մանրամասնօրէն գրած է, պատշաճ կը համարինք մենք ալ կարեւոր կէտերը համառօտիւ քաղել:

1974. ԿՐԵՏԱՑԻՆ ԵՒ ՆԱՏԻՐ

Նատիրի արշաւանքին վերջնական արդիւնքը լրացաւ 1735 տարին: Ապրիլի մէջ Նատիր սկսաւ Գանձակի կողմերէն Կարսի վրայ երթալ` Լօռիի եւ Ղազախի վրայէն, բայց պարէնի եւ դարմանի պէտքը ստիպեց Ապարանի կողմը դառնալ եւ Արարատի դաշտն իջնել: Այս առթիւ առաջին անգամ կաթողիկոսը պէտք զգաց Նատիրին դէմ գնալ: Որչափ ալ Նատիր իբր թշնամի կու գար, սակայն դժուար չէր պատերազմին ելքը գուշակել, եւ Կրետացին նախատեսութեամբ կը պատրաստէր իր ապագայ յաջողութիւնը: Մայիս 27-ին Հոգեգալստեան երեքշաբթիին, Էջմիածինէ կը մեկնի ընծայիւք եւ պատրաստութեամբ, վարդապետօք եւ նուիրօք, Յովհաննավանք կը գիշերէ, չորեքշաբթի Նատիրին բանակետղը կը հասնի Ապարանի մօտ` Շիրաղալա կոչուած գիւղը, եւ միւս առտուն մայիս 29 հինգշաբթի, անոր կը ներկայանայ եւ սիրով կ՚ընդունուի: Բայց որովհետեւ Նատիր ալ պիտի մեկնէր, կաթողիկոսն ալ մէկտեղ կը տանի զինուորական պատիւներով, մինչեւ երրորդ օր քովը կը պահէ, սեղանակից կ՚ընէ, եւ ուրբաթին կ՚արձակէ, երբ ինքն ալ ետեւէն գալով մայիս 31-ին շաբաթ օր Էջմիածինի մօտ կը բանակի ( ԿՐԵ. 12): Կաթողիկոսը անմիջապէս դիմաւորելու միտք չ՚ըներ, եւ երկուշաբթի յունիս 2-ին կը ղրկէ Աղեքսանդր վարդապետ աթոռակալը, որ Նատիրը բարկացած կը գտնէ կաթողիկոսին անմիջապէս չգալուն համար, եւ շփոթած կը դառնայ: Կաթողիկոս ալ կ՚այլայլի, ահիւ պակեայ, կը գրէ, եւ ի կենցաղս յուսահատեցայ, եւ սկսայ զյետին ողջոյնն տալ. ասով մէկտեղ կ՚որոշէ երթալ, առաջուընէ անկեալ առաջի սուրբ Իջման տեղւոյն եւ հոգին Աստուծոյ յանձնելէ ետքը: Լքեալ սրտիւ եւ կիսամեռ Նատիրին առջեւ կ՚ելլայ, եւ ինքզինքը կ՚արդարացնէ թէ տեղական սովորութեանց անգիտակ էր, ուրիշը յանցանք չունի, եթէ պատիժ կայ, իրեն տրուի: Նատիր կը հանդարտի, անկեղծ յայտարարութեամբ կը մեղմանայ, հարկաւ առաջին տեսութեան ատեն ալ զննած ու կշռած էր կաթողիկոսին զգացումները, որովհետեւ հաստատած էր անոր կաթողիկոսութիւնը, եւ խնդիրներն ալ շնորհած: Մինչ մահու սպասէի, խիլայեաց ինձ, կը գրէ Կրետացին: Նատիր կ՚առաջարկէ որ երթայ միաբանութեամբ եւ հանդէսով դիմաւորէ, եւ ըստ այսմ վանք գալով եւ եկեղեցական թափօր կազմելով Նատիրը վանք կ՚առաջնորդէ, որ Մայրտաճար ալ կը մտնէ, բացատրութիւններ կ՚ուզէ, եւ կը հրամայէ ժամ ասել: Հանդիսապէս Հռիփսիմեանց երեկոյեանը կը կատարուի. կաթողիկոսը այլազգեաց լեզուով բանախօսութիւն ալ կ՚ընէ, եւ նոյն հանդէսով մինչեւ վանքին դուռը կ՚առաջնորդէ Նատիրը, որ նուէր ալ կը թողու, եւ մեծ գոհունակութեամբ կը մեկնի ( ԿՐԵ. 13), յիշելով միանգամայն թէ բանակին կողմէ վանքին արտերուն հասուցած վնասներն ալ պիտի հատուցանէ: Միւս առտուն Նատիր աւագանին կը ղրկէ վանքը տեսնելու, ինքն ալ նորէն կը դառնայ եւ կը մեծարուի, եւ կաթողիկոսը կը քաջալերէ, որ մօտալուտ պատերազմներէն չվախնայ, այս օճաղս մեր է, կ՚ըսէ, եւ դու մէկ եախշի ծեր մարդ ես, տունդ շէն լինի, կեցիր բարով: Այս անգամ իր վրանը փոխադրած էր Փարաքարի վրայ, եւ կաթողիկոսը զանց չ՚ըրաւ նոյն երեքշաբթի օր, յունիս 3-ին երեկոյին, շնորհակալութեան երթալ սակաւ ընծայիւք ( ԿՐԵ. 15):

1975. ՆԱՏԻՐ ՅԱՂԹԱԿԱՆ

Ասոր վրայ դէպքերը իրար կը հալածեն: Հինգշաբթի յունիս 5-ին Նատիր լուր կ՚առնէ, թէ Ապտուլլահ Քէօբրիւլիւն Երեւանի պաշտպանութեան հասած է, անմիջապէս զամենայն ծանրագոյն կարասին, որոնց հետ եւ զուհիսն, այսինքն կանանոցը կը հեռացնէ դէպի Թարվէզ, եւ իր բանակը կը դնէ Ախիթէփէ: Իրօք ալ Քէօբրիւլիւ շաբաթ օր, յունիս 7-ին կ՚իջնէ Եղվարդի դաշտը, ուր յաջորդ կիրակի առտու, ժամ երկուքին պատերազմը կը խառնուի, եւ Նատիր` դիրքերէն օգտուելով, եւ թշնամին դժուարին տեղեր մղելով մեծ յաղթութիւն կը տանի, եւ 18, 000 հոգիով 40, 000 հոգի կը կոտորէ, որոնց մէջ նաեւ Քէօբրիւլիւ սպարապետը, Սարը Մուսթաֆա զօրավարը, եւ այլ երկու փաշաներ ( ԿՐԵ. 18): Այս յաղթութեան օրը ուրիշներ յունիս 14 կը դնեն, եւ պատերազմին տեղը` Պաղավերտ եւ Ախիքէնտի կ՚անուանեն ( ԺՈՒ. 340): Անունները յայտնապէս աղաւաղուած են, իսկ օրը եթէ նոր տոմարով ալ հաշուենք, 8-19 յունիս պէտք էր ըսուեր: Կրետացիին օրագրութիւնը ականատեսի մանրամասնեալ վկայութիւն ըլլալուն, իբր ստոյգ պէտք է ընդունուի: Կաթողիկոսը, որ ինքզինքը` ես տրուպ Աբրահամ հոգեւոր տէրս կ՚անուանէ, երեքշաբթի յունիս 10-ին յաղթականը շնորհաւորելու կ՚երթայ Եղվարդ, դաշտին երեսը սփռուած դիակներուն մէջէն անցնելով: Կիսամեռ Հայու մը հանդիպելով, գրաստի վրայ բեռցնել տալով Աշտարակ կը տանի եւ խնամել կու տայ, եւ երբ միւս օր Էջմիածին կը դառնայ, շատ մը վիրաւորներ հոն եկած կը գտնէ, Թուրք, Հայ, Հոռոմ, եւ ամէնուն ալ դեղ ու խնամք կը հրամայէ անխտիր ( ԿՐԵ. 19): Նատիր յաղթութենէն ետքը Երեւանը պաշարման ներքեւ առնելով, ինքն Գեղարդի եւ Ծաղկունաձորի բարձունքները կ՚երթայ հանգստանալ, եւ Եղվարդի կողմերը կը դառնայ Աստուածածնայ բարեկենդանին, որ կը հանդիպէր օգոստոս 10-ին: Անմիջապէս մօտը կը կանչէ կաթողիկոսը, եւ իրեն մօտ կը պահէ ու սեղանակից կ՚ընէ, բայց պահքին պատճառով կաթողիկոսը կը բաւականայ ուտել միայն ի մեղրէն եւ յայլոց քաղցրեղինաց: Այդ պատճառով Նատիր իւր առաջի եդեալ փլաւէն աման մի լեցնել տալով, անոր կու տայ տանելու ( ԿՐԵ. 21), երբ Նաւակատեաց շաբաթ օրն, այսինքն Շողակաթի տօնին, օգոստոս 16-ին, վանք կը դառնար: Վերափոխման առտուն յետ պատարագի ի սեղանն վայելեցինք զկերակուրն Նատիրի, կը գրէ Կրետացին, ըմպելով զբաժակն յանուն նորա ( ԿՐԵ. 22): Երբոր Նատիր Կարսի պաշարման կ՚երթայ, Աբրահամ կը զբաղի Նատիրի յանձնարարութեամբ յիշատակի գմբէթ մը շինել տալ Եղվարդի բլուրին վրայ, ուր Նատիրի վրանը զարնուած էր յաղթութեան օրը. շինութեան հսկող նշանակելով Ստեփանոս Կարնեցի` Ղալայջիօղլու մականուանեալ վարդապետը ( ԿՐԵ. 22): Կարսի պաշարման սաստկութիւնը, եւ մանաւանդ Պարսիկ ասպատակները, որոնք մինչեւ Կարին եւ Պայազիտ քանդեցիկ զերկիրն, այրեցին զշինուածսն եւ գերեցին զմարդիկն եւ զանասունս ( ԿՐԵ. 22): Օսմանցիները հաշտութիւն խնդրելու ստիպեցին, Երեւանը յանձնելու պայմանով, եւ իրօք ալ 1735 սեպետմբեր 22-ին, Վարագայ պահոց երկուշաբթին, Պարսիկներ Երեւան կը մտնեն, եւ այսպէս Էջմիածին իր նահանգով նորէն Պարսիկ տիրապետութեան կ՚անցնի, թէպէտ ամիսներ առաջ առանց քաղաքի ալ` վանքը Օսմանեան իշխանութեան ներքեւէն ելած էր: Պատմուած պարագաները կը ցուցնեն թէ այդ մասին Աբրահամ Կրետացին համակիր եւ պատրաստակամ գործակցութիւն ընծայած է Պարսիկներուն, հակառակ որ ինքն Պարսիկներու հետ բնաւ յարաբերութիւն ունեցած չէր, բայց կ՚երեւի թէ Օսմանեանց զօրութեան եւ տիրապետութեան մասին ալ նպաստաւոր ըմբռնում չունէր:

1976. ԷՋՄԻԱԾԻՆԻ ՀԱՄԱՐ

Զարմանալի ըլլալու չափ աճեցաւ Նատիրի եւ Աբրահամի մտերմութիւնը, ինչպէս Երեւանցին ալ կը գրէ, թէ կարի սիրեաց եւ միշտ առ յինքն պահէր, զոր եւ հայր կոչէր, եւ շատ խորհուրդ եւ առնելիս իւր ընդ սմա տնօրինէր, եւ սմա հարցանէր ( ՋԱՄ. 30): Կարսի պաշարումը վերցնելէն եւ Երեւանը գրաւելէն ետքը, Նատիր դէպի Տփղիս ուղեւորեցաւ, եւ նորէն կաթողիկոսը իրեն մօտ ուզեց, որ հոկտեմբեր 1-ին Էջմիածինէ մեկնելով, 27-ին Տփղիս կը հասնի, Նատիրէ օր մը ետքը ( ԿՐԵ. 23): Այստեղ եղած գործերէն նշանակելի է Նատիրի Հայոց համար վկայելը, թէ ինձ լաւ ծառայութիւն արարին մտերմաբար, եւ միամիտ սպասաւորեցին յամենայն զօրութենէ եւ յամենայն յանձնէ եւ ամենայն դիմօք, եւ կաթողիկոսին հրամայելը որ իրեններուն համար ինչ խնդիր որ ունի` գիրով առաջարկէ, եւ բերեք, կ՚ըսէ, որ հրամայեմ: Նա ալ այդ առթիւ հնգետասան րախամ, այսինքն հրովարտակներ կ՚ընդունի ( ԿՐԵ. 24), եւ յաջորդ օրերու մէջ ուրիշ նորեր ալ կը ստանայ, որով այն օրերու մէջ աւելի քան զերեսուն եւ հինգ րախամ առած եղաւ: Ասոնց կարգին յիշատակութեան արժանի է, աթոռապատկան եօթը գիւղերու սեփականութեան հաստատութիւնը, որոնք են, Էջմիածին, Մաստարա, Ֆռանկանոց, Օշական, Քիրաղլու, Տիպաքլու եւ Չէլէպիղըշլա ( ԿՐԵ. 26), վերջինս Չէլէպիքեանտ եւ Քէշիշքեանտ ալ կոչուած է ( ՋԱՄ. 120): Նշանաւոր են եւս Խորասան փոխադրուելիք 300 Տփղիսեցի տուներուն տեղերնին մնալը` դրամի եւ ցորենի վճարմամբ, եւ Խորասան փոխադրուելիք 300 Արարատցի տուներուն գոմէշներ եւ գումարներ շնորհուիլը ( ԿՐԵ. 25), ու Տաճկաստանէ ուխտի եւ առեւտուրի եկող Հայերուն անկասկած եւ աներկիւղ երթեւեկը, զոր յատուկ կոնդակներով հաղորդեց կաթողիկոսը` Կարսի, Կարինի, Եւդոկիոյ, Պայազիտի, Վանի եւ Բաղէշի առաջնորդներուն ( ԿՐԵ. 27): Ընդհանրութեան դիւրութիւններուն ալ մտադրութիւն դարձուցած է Կրետացին, եւ Երեւանի փողերանոցին բացուիլը ընդունած, զի փողն կարի յոյժ նուազեցաւ եւ քարշեցաւ: Մինչեւ իսկ հրաման ստացաւ որ կառավարիչները առանց կաթողիկոսին գիտութեան, շրջակայից ժողովուրդէն նոր տուրքեր չհաւաքեն, եւ ի վերայ աղքատաց ծանրութիւններ չբարդեն ( ԿՐԵ. 26): Կրետացին այդ ուղեւորութիւնն ալ յաջողութեամբ աւարտելով, Սանահին, Հաղբատ, եւ Հաղարծին հանդիպելով Երեւան եւ Էջմիածին կը դառնայ, եւ հազիւ թէ հանգստանալու չափ ատեն կ՚ունենայ, զի Նատիրէն նոր հրաման կը հասնի, որ իրեն մօտ գայ Մուղանու դաշտը, ուր ամէն կողմէն պետութեան եւ ազգութեանց աւագանին հրաւիրած էր Նատիր` կարեւոր խորհրդակցութեան համար, առանց հոգալու որ ժամանակը ձմեռնային էր, եւ Մուղանի դաշտին մէջ վրաններու եւ եղեգէ տաղաւարներուն ներքեւ պիտի ապրէին հրաւիրեալները, պարտաւորեալ ալ ըլլալով մարդկան եւ անասնոց պէտքերը մէկտեղ տանիլ, զի այն տեղն ոչ գտանի ( ԿՐԵ. 28):

1977. ԿՐԵՏԱՑԻՆ Ի ՄՈՒՂԱՆ

Այդ մեծ համախմբութեան ներքին շարժառիթը Պարսից կայսրութեան գահակալը որոշելն էր: Թահմազ իր աքսորին մէջ մեռած կամ սպանուած էր, նմանապէս Ապպաս մանուկն ալ մեռած ( ՏՊԷ. 362) կամ սպանուած էր ( ՋԱՄ. 30), եւ Նատիր միայն խնամակալի անուն կը կրէր, եւ գահը պարապ կը նկատուէր: Հրաւիրեալներ ամէն կողմէ ճամբայ կ՚ելլէին, եւ Մուղանու դաշտը հաւաքուած մեծամեծներուն եւ հետեւորդներուն, զինուորներուն եւ սպասաւորներուն թիւը հարիւր հազարէ աւելի կ՚ըսուի ( ՏՊԷ. 362): Աբրահամ Կրետացին ալ դեկտեմբեր 3-ին չորեքշաբթի օր Էջմիածինէ մեկնեցաւ 25 հետեւորդներով, վեց վարդապետ, որոնք են Ստեփանոս Ղալայջիօղլու` ճանապարհի աթոռակալ, Բարսեղ` գաւազանակիր, Եղիա Քրդաստանցին` ախոռապետ, Մկրտիչ Տաթեւացի` կարաւանապետ, Խաչատուր Ասպահանցի` օգնական, Սարգիս Կեսարացի` ժամասաց, 1 քահանայ` Թովմաս Ագուլեցի, 2 սարկաւագ, 1 գրագիր, 3 շաթիր, 3 սպասաւոր, 3 ուղտապան, 3 ձիապան, 3 ջորեպան, եւ փոխադրութեանց 10 ուղտ, 10 ջորի եւ 16 ձի ( ԿՐԵ. 28): Խորվիրապի, Աստապատի, Երնջակի, Ագուլիսի եւ Ղարադաղի ճամբով, եւ տեղտեղ հանգիստ ընելով 1736 յունուար 3-ին, Ծննդեան պահոց շաբաթ օրը կը հասնի Մուղան, եւ իրեն ալ եղեգեայ տաղաւարի մէջ օթեւան կը տրուի: Երեքշաբթի յունուար 6, իր մեծ եւ փառաւոր վրանը զարնել տալով, եւ բոլոր լուսաւորչածին ազգն կանչել տալով, կը կատարէ զտօն ծննդեան առանց ժամատեղի եւ պատարագի, եւ Երասխի վրայ ջրօրհնէք ալ կը կատարէ: Եւ այս էր զարմանք, կը յարէ Կրետացին, զի Պարսիկքն առնէին ի միւռոնախառն ջրոյն եւ օծանէին զերեսս ( ԿՐԵ. 31): Ձիւնէն նեղուելով յունուար 7-ին կ՚ուզէ Տուզախ փոխադրուիլ, բայց Նատիրի հասնելուն լուրը առնելով Մուղան կը դառնայ երեքշաբթի, յունուար 13-ին, եւ չորեքշաբթի կը ներկայանայ Նատիրին Երեւանի Հայ ու Պարսիկ մեծամեծներով, եւ յատուկ պատիւներ կը տեսնէ, եւ երեկոյին նորէն առանձինն խորհրդակցութեան կը հրաւիրուի: Այդ միջոցին կը հասնին օտարազգի պատգամաւորներ ալ, եւ Օսմանցոց կողմէն Ահմէտ փաշա` սպարապետ, եւ Կէնճ Ալի փաշա` դեսպան, Կարսի կուսակալը եւ ուրիշներ, եւ յունուար 22-ին հինգշաբթի օր հասաւ Նատիրին եղբայրը` Իպրահիմ խան, բարձրահասակ եւ յաղթանդամ, նման եղբօրն: Նոյն օր կաթողիկոսը նուէր կը ստանայ զերկուս պատուական էմիփորոնս եւ մի կոնքեռ ( ԿՐԵ. 28), հաւանաբար Վրաստանէ ձեռք ձգուած, որոնց մէկուն մանրամասն նկարագրութիւնը կը գրէ ( ԿՐԵ. 36): Ասոր վրայ ամէնքը կաթողիկոսին մօտ կու գան աչքիլուսել եւ շնորհաւորել, զարմանալով ընդ սիրոյ նշանն մեծին ( ԿՐԵ. 37): Կրետացին շատ մանրամասնութեամբ կը պատմէ պայրամին հանդէսները, որ տեղի ունեցան փետրուար 3-ին, երեքշաբթի օր, բացատրելով բոլոր արարողական եւ պատուասիրական ձեւերը, զգեստներն ու զարդերը: Իսկ երկրորդ օրը, փետրուար 4 չորեքշաբթի, երբ բոլոր բազմութիւնը ըստ սովորութեան գացած էին ի սէլամ, Նատիրի կողմէն եօթը պատգամաւորներ կու գան ըսել, որ գնացեալ ի միջի ձերում խորհեսջիք ընդ միմեանս, թէ զով խնդրէք ձեզ եւ երկրին կառավարող, աւելցնելով, որ Նատիր ծերացեալ եւ վաստակեալ, կամի գնալ ի Խորասան, եւ աղօթել ( ԿՐԵ. 51): Յայտնի էր թէ ամէնքը համակամ եւ համախորհուրդ Նատիրը պիտի ուզէին, եւ ըստ այսմ ալ որոշեցին, եւ գաւառներու համեմատ խումբերու բաժնուելով, մէջերնին պատասխանելու ալ անձեր նշանակեցին` իբրեւ տեղեկաբերներ: Հայերուն կողմէն որոշուեցան կաթողիկոսը, եւ Երեւանի քալանթար Մելիքջանը, եւ մելիք Յակոբջանը: Այսպէս ալ պատասխանեցին երեկոյեան դէմ, նոյն եօթը պատգամաւորներուն: Հարկ եղաւ որ միւս օր փետրուար 5 հինգշաբթի, աւելի հանդիսապէս կրկնուի այդ հաւանութիւնը ( ԿՐԵ. 52), որուն հանդէպ Նատիրի կողմէն երեք պայմաններ առաջարկուեցան, որ ամէնքը երդմամբ եւ անիծիւք խոստանան, որ եթէ հին Շահերու ցեղէն որդի կամ ազգական յայտնի, անոր կողմը չ՚անցնին, որ իր մահուանէ ետքը իւր օճախին եւ զաւակին խիանաթութիւն չանեն, որ Սիւննիներու հետ կրօնական հակառակութիւն չ՚ընեն, զի մարգարէն միեւնոյն է, նոյնպէս եւ Ղուրանն, մի է եւ նամազն ( ԿՐԵ. 53): Ամէնքը կը խոստանան եւ կ՚երդնուն: Միեւնոյն բանը կրկնուեցաւ ուրբաթ 6 փետրուարին, Նատիրի ներկայութեան, ուր ինքն նորէն չ՚ընդունել ցուցուց, իրեն դէմ թշնամութիւն գրգռել կրցող պատճառները յիշեց, բայց վերջապէս բազմութեան պնդելուն վրայ հաւանեալ յանձն առաւ թագաւորել: Ասոր վրայ կրկին կարդացին զֆաթէն, եւ ես, կը գրէ Կրետացին, զհայր մեղայն ի լռելեայն ( ԿՐԵ. 55): Գրաւոր արձանագրութիւն ալ պատրաստեցին եւ ամէնուն կնքել տուին, եւ զերիս աւուրս հազիւ թէ կարացին աւարտել այդ գործը ( ԿՐԵ. 55):

1978. ԿՐԵՏԱՑԻԻՆ ՊԱՏԻՒՆԵՐ

Ամէն առտու բոլոր բազմութիւնը պէտք էր նոր թագաւորին ներկայանար իր յարգանքը ընծայել, եւ հանդիսական բարեմաղթանքներ կրկնուէին: Այդ առիթներուն մասնաւոր դիպուածներ ալ տեղի կ՚ունենային, ինչպէս փետրուար 10-ին յատուկ բարեացակամութեան առարկայ եղաւ կաթողիկոսը, երբոր Նատիր յայտնեց թէ իր եղբայրը Իպրահիմը` ընդհանուր կողմնակալ նշանակած է Ատրպատականի ու Հայաստանի ու Վրաստանի, եւ Հերաթի Մէհմէտ խանը Երեւանի կուսակալ, եւ անոնց հրաման տուած է անոր ամէն առաջարկները անխափան կատարել: Այդ հանդիսութեանց օրերը ոմանք Նէվրուզի տօնին անունով կը յորջորջեն ( ՏՊԷ. 362), մինչ Կրետացին յայտնապէս Ռամազան Պայրամին անունը կու տայ, անոր արիֆէն ալ յիշելով ( ԿՐԵ. 45), եւ պէտք ալ է այսպէս իմանալ, զի Նէվրուզը գիշերահաւասարին օրն է, որ փետրուար 3-ին չէր կրնար հանդիպիլ: Փետրուար 26-ին ալ, իբր լուսնոյ 25 հաշուելը ( ԿՐԵ. 68), փետրուար 3-էն սկսելով Ռամազան Պայրամին հաշիւը կ՚արդարացնէ: Փետրուար 10-էն սկսան նուէրներ եւ գումարներ բաշխուիլ գաւառներու կարգով: Նուէրներու հետ կը տրուէին եւ գերիներ, որոնցմէ 7000 բերած էին, Վրացի եւ Հայ խառն, եւ ոմանց կին, ոմանց աղջիկ, ոմանց տղայ կու տային: Փետրուար 14-ին, օրն շաբաթ Սուրբ Սարգսի տօնին, կը գրէ Կրետացին, Երեւանցւոց եւ Նախիջեւանցւոց կարգը եկաւ. բայց տօնի շփոթ մը կայ, զի փետրուար 14-ին Տեառընընդառաջի տօն կ՚իյնայ, ինչպէս ինքն ալ կ՚ուղղէ ուրիշ տեղ ( ԿՐԵ. 99): Իսկ Սուրբ Սարգիսը այն տարի փետրուար 21-ին կը հանդիպէր: Կաթողիկոսին նուիրուեցան զգեստներու եւ գօտիի հետ, նաեւ մանտիլ ազնիւ, որ փաթաթեցին ի վերայ վեղարին, որպէս զփակեղ, ըստ ծիսի Պարսից: Միւս Հայերուն ալ նուէրներ տրուեցան, բաց ի գերեացն, զոր ոչ ետուր քրիստոնեաներուն ( ԿՐԵ. 58): Ընծայ ընդունողներ փետրուար 15-ին Նատիրի ներկայանալով մաղթանքներ խօսեցան, եւ Ճիհանշահի պաշտօնակալ մը բանաստեղծութիւն մը արտասանեց ( ԿՐԵ. 59), որուն վերջը ամէնքը անմռունչ զֆաթէն են կարդացած, եւ ես, կ՚ըսէ, տարածմամբ ձեռացս ասացի զՀայր մեր որ յերկինս ես ( ԿՐԵ. 60): Նոյն օր կաթողիկոսը նորէն Նատիր շահէ կը պատուասիրուի, եւ նոր շնորհներ կը ստանայ, որոնց զռաղամներն, որ էր եօթն ռաղամ, Ստեփան վարդապետ կ՚երթայ կը բերէ երկուշաբթի առտու փետրուար 16-ին, եւ նոյն երեկոյին կրկին Նատիրէ կը հրաւիրուի ողջերթի հրամանին եւ ողջոյնին համար, նորանոր խոստումներով, թէ վանքդ ալ իմս է, թէ դուն ալ իմս ես, բնաւ հոգ մի ըներ, միայն աղօթք ըրէ ( ԿՐԵ. 63):

1979. ՄՈՒՂԱՆԷ ՄԵԿՆԻԼԸ

Այլեւս ընդհատուած էին Նատիրին եւ կաթողիկոսին յարաբերութիւնները, եւ հրաւիրեալներէն շատեր ալ սկսան իսկոյն մեկնիլ, թէպէտ փետրուար 26-ը, լուսնոյ 25-ը թագադրութեան օր նշանակուած էր, իբրեւ աստեղահմաներէն նշանակուած շնորհաւոր եւ բարեբաստիկ օր: Այսպէս կը գրէ Կրետացին ճշդելով ( ԿՐԵ. 67), թէպէտ թագադրութեան օրը մարտ 10-ին դնողներ ալ կան, իբրեւ տարեգլուխ ազգին Պարսից ( ԽԱՉ. 260), որ է Նէվրուզը: Բայց Կրետացին ականատես է եւ օրերու հաշիւը ճիշդ կը բռնէ: Նատիր չ՚ուզեց բոլոր բազմութիւնը պահել, եւ մասնաւորապէս օտարազգիները ճամբեց, ընտանեկան ձեւ մը տալով թագադրութեան հանդէսին, կամ նկատելով որ ոչ եթէ միայն ի Մուղան էր նուազութիւն հացի, այլ յամենայն տեղիս` Թարվիզու եւ այսր. ուստի եւ երթալիքներուն կտրեցին զթայինն ( ԿՐԵ. 65): Կաթողիկոսն ալ պէտք է մեկներ անմիջապէս փետրուար 16-էն ետքը, բայց չկրցաւ, զի շատ օգտակար ձեռնարկի մը կը հետեւէր: Վերագոյնդ յիշեցինք թէ 7000 գերիներ բերուած էին Հայ եւ Վրացի, Պարսիկ մեծամեծներուն ընծայ 1976): Կաթողիկոսին աչքին տակ կատարուած այդ բաշխումը անոր զգացումները գրգռեց, եւ բոլոր տրամադրելի միջոցներով այդ գերիներու ազատութեան հետամուտ եղաւ: Գերիք բազումք թափեցի, կը գրէ ինքը, զոմանս թանկագին, եւ զոմանս տաժանագին, եւ զոմանս ձրի. կային աղջկունք եւ մանկունք եւ տղայք, վեց ութն եւ տասն տարեկան, եւ այլք մեծագոյն տղայքն հնգետասան եւ քսան տարեկան: Վերջիններէ շատերուն փախուստին ալ օգնեց: Նորածիններ ալ կային յղի կիներէն, յղացեալք ի տանց եւ յարանց իւրեանց, քանզի եօթն ամիս էր գերութիւն նոցա, զորս մկրտել տուաւ Ագուլիսի աւագերէց Թովմաս քահանային, որ իր հետեւորդներէն էր: Փրկանաւորած եւ ազատած գերիները խումբ խումբ ճամբայ հանած էր, մաս մը Էջմիածին դարձող ուղտապաններուն հետ, մաս մը իր ջորիներով յղած էր Ագուլիս եւ Աստապատ` Աղուանից Ներսէս կաթողիկոսին խնամքին յանձնարարելով. մաս մը ճամբայ հանած էր շաթիր Մաղաքիայի վերակացութեամբ, ուրիշ մաս մըն ալ ղրկած էր Սարգիս Աստապատցի եւ Եղիա Քրդաստանցի վարդապետներուն հետ մինչեւ Տուզախ, Մուղանէ հինգ աւուր ճանապարհ հեռու, որ անկէ անդին Սարգիս տանի Ներսէս կաթողիկոսի ձեռնտուութեամբ, եւ իրեն ջորիները խարակ բարձեալ դարձուսցէ Եղիա: Երբոր մեկնելու հրամանը ելաւ բոլոր ջորիներ գացած էին, եւ ես մնացի, կ՚ըսէ, միայն, խեղճ եւ ողորմելի, միայնակ ի մէջ դաշտին, եւ պաշարնին ալ հատած ըլլալուն, շաբաթ մի եւ այլ աւելի, խարշեալ եւ խանծեալ ցորեան կերան, սպասելով որ ջորիները դառնան եւ ուտելիք բերեն: Փետրուար 21-ին կը դառնայ Մկրտիչ Տաթեւացին եւ 22-ին Եղիա Քրդաստանցին, եւ կաթողիկոսը նորէն ճիգ կ՚ընէ գերիներու մասին: Կրկին թափեցի, կ՚ըսէ, որքան որ կարողացայ. փոխ ստակ առի եւ տուի գին գերեացն ( ԿՐԵ. 64-66): Փետրուար 23-ին, երկուշաբթի ինքն ալ Մուղանէ կը մեկնի` Էջմիածին դառնալու համար: Զարմանալի պէտք չէ երեւի վերջին օրեր կրած նեղութիւնը, զի Նատիր շահ զայն մեկնած կ՚ենթադրէր, եւ ինքն ալ անծանօթ պէտք էր մնար ողջերթի հրամանէն ետքը: Կաթողիկոսին մեկնելէն ետքը, փետրուար 26-ին հինգշաբթի, տեղի ունեցած է Նատիր շահի թագադրութիւնը, որ Թովմաս քահանայէ լսելով նկարագրած է Կրետացին ( ԿՐԵ. 68): Հետեւապէս ուղիղ չէ կարծել` որ մարտ 1-ին հանդիսապէս Նատիրին սուրը օրհնած եւ մէջքը կապած ըլլայ ( ՉԱՄ. Գ. 815):

1980. ՎԱՆՔԵՐՈՒ ՊՏՈՅՏԸ

Աբրահամ Կրետացիի համար հնացեալ փափաք մըն էր վանքեր եւ ուխտատեղիներ այցելել 1969), եւ մենք տեսանք զինքն որ միշտ պտոյտներով եւ դադարներով կատարած է իր ուղեւորութիւնները, որ իր կաթողիկոսական գործունէութեան լրումը կը կազմեն: Այս անգամ ալ փետրուար 23-ին Մուղանէ մեկնելով յունիս 12-ին Էջմիածին կը մտնէ, մօտաւորապէս չորս ամիս շրջագայելով Հայաստանի հիւսիսակողմը, որ օրովը եւ տեղերու անուններովը նշանակած է իր պատմութեան մէջ ( ԿՐԵ. 73-79), բայց մենք պէտք չենք զգար ամէնն ալ յիշել: Տուզախի Հատրութ գիւղը կ՚անցընէ Բուն բարեկենդանը, մարտ 7-ին, Աղուանից Ներսէս կաթողիկոսի հետ, որուն հետ թէպէտ սէր արարեալ էաք, կ՚ըսէ, բայց դեռ եւս ընդ միմեանս ոչ էինք տեսեալ ( ԿՐԵ. 73): Տաթեւի մէջ Քարահանջ գիւղը բանադրանքէ կ՚արձակէ, եւ մարտ 16-ին, երկուշաբթի օր լուսնի խաւարումը կը տեսնէ ( ԿՐԵ. 75): Սարգիս Պարոնտէրի Մեծ-Անապատը 1619) քանի մը օր կը մնայ. շատ մը գիւղեր եւ վանքեր այցելելէ ետքը ապրիլ 7-ին, Աւետման տօնին, Դաշտ գիւղը կը պատարագէ: Զատիկը` ապրիլ 25-ին Ագուլիս կ՚անցընէ, ուր եւ Նոր կիրակիին, մայիս 2-ին, եպիսկոպոս կը ձեռնադրէ, զաւագերէցն Ագուլեաց զտէր Թումայն, իր ուղեկիցը, ամիրան Սուրբ Էջմիածնայ, որով նախապէս յանուն Էջմիածինի վեղար տուած ըլլալը կը հասկցնէ: Նախավկայի վանքը կը մնայ 9 օր ( ԿՐԵ. 77), անկէ կ՚անցնի Երնջակ, եւ շրջակաները պտտելէն ետքը նորէն Երնջակէ կը մեկնի Նախիջեւան եւ Աստապատ, ուր Մեծահրաշի կիրակէին, յունիս 6-ին եպիսկոպոս կը ձեռնադրէ Նոր-Ջուղայի միաբան Գէորգ Ասպահանցի, եւ Էջմիածինի միաբան Մելքոն Կաֆայեցի վարդապետները, եւ երրորդ մըն ալ Աղբակու Ս. Բարթողիմէոսի առաջնորդ, ըստ խնդրոյ երկրին եւ վիճակին այնմիկ: Վերջապէս շրջանը լրացնելով յունիս 12-ին Հոգեգալստեան կիրակնամուտին Էջմիածին կը մտնէ, եւ Իջման տեղւոյն առջեւ կ՚աղօթէ հատուցանելով գոհութիւն զերծուցանողի յամենայն պատահարաց ( ԿՐԵ. 79):

1981. ԿՐԵՏԱՑԻՆ Ի ԹԱՎՐԷԶ

Աբրահամ Կրետացի, իր պատմութեան մէջ շարունակ յոյժ ծերացեալ եւ տկարացեալ կը ներկայացուի ( ԿՐԵ. 81), բայց հակառակ այդ ենթադրութեան միշտ շարժման, եւ ձմեռնային դժուարին եւ չարքաշ ուղեւորութեանց մէջ կը տեսնենք զինքը: Մուղանի ուղեւորութիւնն ալ վերջինը չեղաւ. զի 1736 տարին չվերջացած ճամբորդութիւն մըն ալ ըրաւ Թավրէզ, շահին եղբօր եւ երկրին կողմնապետ Իպրահիմի մօտ: Հրաւէր մը ստացած էր Մուղանէ դառնալէն քիչ ետքը, բայց տկար եւ աշխատեալ ի ճանապարհէ ըլլալուն համար չքմեղանք էր ներկայացուցած, եւ իր կողմանէ պատուիրակ ղրկած Թովմաս Ագուլեցի նոր ձեռնադրուած եպիսկոպոսը, որ պէտք եղածը կարգադրեր եւ կաթողիկոսին նոր ընծաներ ալ բերեր էր: Այդ միջոցին էր որ Երեւանի մէջ կնքուած հաշտութիւնը, Օսմանեան եւ Պարսիկ տէրութեանց մէջ պաշտօնական դաշնագիրով մը վաւերացաւ 1736 սեպտեմբերին, եւ երկուց տէրութեանց սահմանագլուխները ճշդուեցան ( ԺՈՒ. 340), ճիշդ ինչպէս էին Աֆղաններուն արշաւանքէն առաջ ( ՏՊԷ. 362): Նոյն ատեններ 1736 սեպտեմբերին Իպրահիմի հրաւէրը կրկնուեցաւ արքունական հրամանով, զոր Աբրահամ ստացաւ երբ շինութեանց համար Յովհաննավանք գացած, եւ հոն խօթացեալ էր չարաչար տենդիւ ( ԿՐԵ. 80): Գործին իսկութիւնը իմանալու համար Երեւան կ՚իջնէ, պատրաստութեան համար Էջմիածին կու գայ, շաբաթէ մը Երեւան կը դառնայ, եւ անկէ հանդարտ ուղեւորութեամբ, Աստապատ եւ Մարանդ հանդիպելով Թավրէզ կը հասնի հոկտեմբերի կէսին: Իպրահիմ խանէ մեծ պատիւներ կը տեսնէ, 20 օր կը մնայ, եւ 15 կտոր նոր հրամանագիրներ կը ստանայ վասն վանօրէից եւ կարգաւորաց եւ վասն երկրի, եւ այնպէս կը մեկնի Էջմիածին դառնալ: Հին-Ջուղա, եւ Նախիջեւան հանդիպելով նոյեմբեր 20-ին Յիսնակաց բարեկենդանի կիրակամուտին կը մտնէ Աստապատ, եւ անկէ ալ Խորվիրապ ուխտ ընելով միւս կիրակամուտին, նոյեմբեր 27-ին կը հասնի Մայրաթոռ: Այս անգամ ալ կաթողիկոսական ճանապարհի խումբը 30 մարդ, եւ 32 ձի ու ջորի կը պարունակէ եղեր ( ԿՐԵ. 89): Նկատողութեան արժանի է որ նորէն ձմեռուան սկիզբը եւ եղանակին խանգարուելու միջոցին կատարուած է` ծեր եւ խօթագին կաթողիկոսին ուղեւորութիւնը: Թավրէզի մէջ Իպրահիմ խան ալ դիտեր է որ ի հիւանդութենէն դեղնացեալ եւ թառամեալ է եղեր դէմքը ( ԿՐԵ. 85), եւ թէ զգոյն երեսացն որպէս մեռելոյ տեսեր է ի բազմօրեայ տենդէն, եւ մինչեւ իսկ հրաւիրակը յանդիմաներ է, թէ վասն էflր բերեր զխալիֆայն, որովհետեւ հիւանդ էր ( ԿՐԵ. 81): Այսու հանդերձ ծեր ու հիւանդ հանդարտ չնստիր կաթողիկոսը, շարունակ շարժումի վրայ է, այնպէս որ Երեւանեցին ալ իրաւունք կ՚ունենայ գրելու, թէ միշտ ընդ շահին լինէր ( ՋԱՄ. 30): Վերջին անգամ Մայրաթոռ դառնալէն ետքը, հազիւ հինգ ամիս եւս ապրած է Աբրահամ Կրետացի կաթողիկոսը. բայց մենք անոր մահուան վրայ չխօսած, իր օրով կատարուած միւս աթոռներուն դէպքերը պիտի պատմենք: Կրետացիին վրայ ըսուելիքները այնպէս իրարու կապակցեալ էին, որ հնար չէր անոնք ընդհատել ուրիշ եղելութիւններ պատմելու համար:

1982. Կ. ՊՈԼՍՈՅ ԳՈՐԾԵՐ

Կոստանդնուպոլսոյ աթոռին գործերը Կրետացիին կաթողիկոսութեան միջոցին, նորէն մեզի կաթոլիկութեան երեսէն ծագած գժտութիւնները կը ներկայեն, հակառակ Կոլոտ պատրիարքի խոհական ջանքերուն: Քսան տարի կ՚ըլլար յորմէհետէ Կոլոտ անօրինակ շարունակութեամբ պատրիարքական աթոռին վրայ կը մնար, ինչ որ իր իմաստուն կառավարութեան արդիւնք պէտք է ըսենք, զի երբ մէկ կողմէն հայադաւան եկեղեցւոյ իսկութիւնը կը պաշտպանէր, միւս կողմէն կ՚աշխատէր բուռն միջոցներէ զգուշանալ, եւ միտքերը լուսաւորելով համերաշխութիւն գոյացնել: Սակայն նա երբ իր բարեմտութեան սկզբունքին կը հետեւէր, կ՚երեւի թէ Լատին քարոզիչներու շահադէտ ուղղութեան չէր թափանցեր: Կնճիռին ամենէն մեծը Հայոց եկեղեցիներուն վրայ էր, ուր լատինամիտներ պաշտօնական պահանջներով պէտք էր դիմէին, եւ պետական տեսակէտով պէտք չէր խորշէին: Այդ պատճառներով Հռոմն ալ չէր կրցած բացարձակ արգելք հռչակել, եւ երկդիմի պատգամով մէջէն ելլալ մտածած էր 1938): Բայց Լատին աբեղաներու եւ իրենց եպիսկոպոսին շահը աւելին կը պահանջէր, իրենց հետեւորդներէն իրենք պէտք էր շահէին: Եթէ Կոլոտ բուռն միջոցներէ կը խորշէր, բոլոր ազգայիններ նոյն միտքէ չէին, եւ լատինամիտներու յոխորտանքէն կը գրգռուէին: Անոնց գլխաւորներէն էր Շիրին Գալֆա, արքունի շինուածապետ, որ իր դիրքէն օգտուելով եպարքոս Էսսէիտ Մէհէմմէտ փաշան գրգռեց, եւ սա նոր հրաման ղրկեց Կոլոտ պատրիարքին, իր ժողովուրդին վրայ զգուշանալ, եւ իրեն անսաստողները ծանուցանել. բայց Կոլոտ բաւականացաւ լատինամիտներու գլխաւորները կոչել ու խրատել, որոնք շինեալ զմիտս պատրիարքին դարձան խաղաղութեամբ ( ՉԱՄ. Գ. 807): Սակայն Լատին եպիսկոպոսն ու աբեղաները չէին ներեր իրենցմէ հրապուրուածներուն` պատրիարքին մօտենալը: Գաղղիական դեսպանը Վիլնէօվ` միտք կը յղանայ Հայ կաթոլիկական եկեղեցի մը կառուցանել տալ, որ մէկ կողմէն կաթոլիկ եւ միւս կողմէն Օսմանեան հպատակ նկատուի, եւ կաթոլիկութեան հրապուրուած Հայեր իրենց եկեղեցականներով ուզած հոգեւորական պաշտօննին կատարեն անոր մէջ: Ասոնք կը հրաւիրուին ծախքերուն համար հանգանակութիւն բանալ, եւ դրամական գումարներ եւ կանացի զարդեր բաւականաչափ կը յանձնուին դեսպանատան` լատինամիտ Հայերու կողմէ, ոմանք յօժարութեամբ եւ ոմանք ստիպմամբ, մինչեւ իսկ ընդդիմացողներուն մէջէն ոմանք ընդ բանիւ եղեն, եւ ոմանք զրկեցան յարձակմանէ: Հռոմէական պատմիչն է որ կը վկայէ սոյն լատինական ծայրայեղութեանց ( ՉԱՄ. Գ. 807): Այդ բաները գաղտնի կը կատարուէին 1735 մայիսին մէջ: Ծրագրուած խորհուրդը յաջողցնելու համար Վիլնէօվ մտածած էր, որ լատինամիտներ, որչափ ալ առանձին եկեղեցւոյ մէջ հոգեւորական պաշտօն կատարեն, պատրիարքին Հայոց տացեն զեկեղեցական հասս, այսինքն իրաւունքները վճարեն, ինչ որ կը նուազէ լատինամիտ եկեղեցականներուն օգուտը, եւ կը դադրեցնէր բուն Լատիններուն հասոյթը: Լատին աբեղաներ հազիւ թէ կը տեղեկանան, ձայն կը բարձրացնեն, որ եթէ ստասցին առանձինն եկեղեցին, եւ ոչ եկեսցեն ի մերս, մեք դատարկ մնամք: Նորէն հռոմէական պատմիչէն կը քաղենք այդ պարագաները, եւ աւելորդ կը դառնայ խորհրդածութիւն աւելցնել, թէ ինչ էր Լատին քարոզիչներուն նախանձայուզութեան մեծ շարժառիթը: Ազգայիններն ալ կը գրգռուին, եւս առաւել պետութիւնը կը յուզուի իրեններուն օտար պետութեան հովանաւորութեան ներքեւ անցնելուն վրայ. հետազօտութիւններ կը կատարուին, քանի մը գլխաւորներ կը ձերբակալուին, եւ կը բանտարկուին, եւ կը տուգանուին: Դեսպանը իր ծրագիրէն ետ կը քաշուի. Պարսից հետ պատերազմը իբր արգելք կը ցուցնէ, եւ գործը խաղաղութեան միջոցին կը թողու ( ՉԱՄ. Գ. 808), բայց չէ ըսուած թէ հաւաքուած գումարները տէրերուն դարձուած ըլլան:

1983. ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԳՈՐԾԵՐ

Հայերուն ճակատագիրն էր կարծես, նոյնիսկ քրիստոնեայ ազգերէ խանգարուած տեսնել իր ներքին խաղաղութիւնը, եւ անդադար մրցիլ ու ճգնիլ անոնց քսութեանց եւ գրգռութեանց դէմ: Երբ Լատիններ մէկ կերպ զինքը կը յոգնեցնէին, ուրիշ կերպով մըն ալ Յոյներ ասպարէզ իջած էին: Ասոնց ճիգերը Երուսաղէմի Հայոց սեփականութեանց եւ իրաւանց դէմ էր. կ՚ուզէին Հայերը ամէն ստացութիւններէ զրկել, ոչ միայն արարողական այլեւ կալուածական իրաւունքներէ կապտել, եւ նոյնիսկ Ս. Յակոբեանց մայրավանքն ալ իրենց ձեռքը անցընել: Հէքիմզատէ Ալի եպարքոսին օրով յաջողութիւն չէին գտած, բայց կրցան շահեցնելով շահիլ Կիւրճի Իսմայիլ եպարքոսը 1968): Յոյներուն աչքին փուշ եղած էր Հէքիմզատէի օրով Կոլոտի առած նոր հրովարտակը, որով կը հաստատուէին Հայոց բոլոր իրաւունքները, սեփական սրբավայրերը, լուսահանութեան արարողութիւնը, եւ Ասորւոց ու Եգիպտացոց ու Եթովպացոց` Հայերուն հետեւակ ըլլալը: Երբ հաշտութեան խօսքեր կ՚ըլլային, Յոյներ համարձակ կ՚առաջարկէին, զայն հրովարտակ, զոր առիք ի վերջին աւուրս, այրեցէք ի հուր առաջի աչաց մերոց ( ԱՍՏ. Բ. 40): Կիւրճի Իսմայիլի եպարքոսութիւնը իրենց քաջալերութիւն տուաւ, զի զայն շատ դիւրամէտ գտան անձնական շահերու փաստին: Երկու Յոյն պատրիարքներ, 18 մետրապոլիտներ, բազմաթիւ իշխանաւորներ, գրով դիմեցին, թէ ժառանգութիւն սուրբ տեղեաց աւանդեալ է Յունաց, թէ Հայերը եկամուտ են, Ս. Յակոբեանց վանքը Յոյներուն է, եւ Հայեր խաբէութեամբ իւրացուցած են, եւ թէ ամենայն ազգք քրիստոնէից յԵրուսաղէմ, պարտին հնազանդիլ պատրիարքին Յունաց: Այս գիրը շուտով ընդունելութեան արժանացաւ, եւ իբրեւ Հայոց խաբէութեան հեղինակ Սեղբոս եւ Մելիտոն ամիրաներ բանտարկուեցան: Հայեր բողոքեցին, բայց Յոյներ աւելի բազմութեամբ եւ աղմուկով եպարքոսին դիմեցին: Հայեր Մահմուտ սուլտանին դիմեցին, բայց գործը եպարքոսին թողուեցաւ, եւ թագաւորական հրաման ելաւ, Հայոց տրուած հրովարտակը ետ առնել. յատուկ զինակիր ալ ճամբայ հանուեցաւ Երուսաղէմ որ հրովարտակը ետ առնէ եւ բերէ, եւ Յոյներուն պահանջները գործադրուին: Մինչեւ իսկ Սեղբոսի եւ Մելիտոնի գլխապարտութեան լուրեր լսուեցան: Հայեր դժուարին ճգնաժամին մէջ, ամէն տեսակ զոհողութեանց ենթարկուեցան. իրենք ալ կողմնակիցներ շահելու համար բանի մը չի խնայեցին. բայց թերեւս արդիւնք չունենային, եթէ ներքինապետին եւ եպարքոսին մէջ ծագած գժտութեան հետեւանօք, Կիւրճի Իսմայիլ վեց շաբաթէն պաշտօնանկ չ՚ըլլար եւ չ՚աքսորուէր, եւ անոր հեռանալէն 16 օր ետքը Էսսէիտ Մէհէմմէտ փաշա եպարքոսութեան չի կոչուէր: Ասոր առաջին գործերէն մին եղաւ, նոր զինակիր մը ճամբայ հանել, առաջինը ետ կոչելու, եւ Հայոց հրովարտակը իրենց ձեռքը թողլու ( ԱՍՏ. Բ. 41-43), մինչեւ որ կատարեալ քննութեամբ պատշաճը տնօրինուի: Այդ առթիւ բանտարկեալ ամիրաներն ալ արձակուեցան: Թէպէտ առժամեայ հանդարտութիւն մը տիրեց, բայց հիմնական կարգադրութիւն չէր եղածը. Յոյներ չէին կասած իրենց յաւակնութիւններէն, Հայեր չէին ազատած պաշտօնական ճիգերէն:

1984. ՀԱՅԵՐ ԵՒ ԼԱՏԻՆՆԵՐ

Առանց ուզելու այդ նշանաւոր վէճին մանրամասնութեանց մտնել, բաւական կը սեպենք գործին հոգին եւ գլխաւոր կէտերը բացատրել: Կոլոտ Կ. Պոլսոյ եւ Շղթայակիր Երուսաղէմի մէջ ամէն ճիգ կը թափէին Հայոց իրաւունքներուն ջատագովութեան: Կ. Պոլսոյ մէջ պէտք էր կառավարութիւնը նպաստաւոր դարձնել, Երուսաղէմի մէջ պէտք էր զօրաւոր փաստեր կազմել հին հրովարտակներէ քաղելով: Շղթայակիր իրեն մասը լիովին պատրաստեց, տեղական իշխանութիւններուն հաստատել տուաւ, բնիկներուն վկայութիւնները վաւերական գիրերու վերածեց. ուզեց ալ անձամբ Կ. Պոլիս երթալ, բայց միաբանութիւնը չ՚ուզեց որ հեռանայ, ուստի շատացաւ Կոլոտին յանձնարարութիւններ ընել, որ ինչչափ որ պէտք է պարտք ընէ եւ ծախսէ, վստահացնելով թէ վճարման համար պատրաստ է վերստին արկանել զշղթայն ի պարանոց իւր: Այդ առթիւ Յակոբ Նալեան նորէն Կ. Պոլիս դարձած պիտի ըլլայ, Շղթայակիրին յանձնարարութիւնները Կոլոտի հաղորդելու եւ գործակցելու: Բայց աւելի նշանակելի օգնութիւն մը եկաւ Հայոց կողմը զօրացնել: Յոյներուն յաւակնութիւնն էր Երուսաղէմի սրբավայրերուն եւ պաշտամանց միակ տէրը դառնալ, ինչ որ Լատիններուն ալ դիրքը կը վտանգէր, թէպէտ անոնց անունը տրուած չ՚ըլլար: Լատինները զգացին իրողութիւնը, եւ կանխահոգ զգուշութեամբ պէտք տեսան Հայերուն միանալ եւ Հայերուն օգնել, որպէսզի անոնց ճզմուելէն ետքը կարգը իրենց չգայ: Ասկէ յառաջ եկաւ պատրիարքին եւ դեսպանին միջեւ մերձաւորութիւն մը. պէտք եղաւ որ Լատիններ իրենց շահասէր մենամոլութեան ալ չափ դնեն, եւ իրենց հետեւողներուն ալ արգելեն, զի մի եւս խմբովին եւ համարձակ երթիցեն յեկեղեցիս Լատինացւոց, եւ երբեմն գնասցեն յեկեղեցիս Հայոց: Այդ մերձեցումները տեղի ունեցան 1736 տարւոյ սկիզբները ( ՉԱՄ. Գ. 811), եւ կրօնապէս անհնար սեպուած բաներ, հնարաւոր դարձան, երբոր անձնական շահը խօսեցաւ: Ինչչափ ալ այդ նպաստաւոր պատրաստութիւնները կրնային Հայոց կողմին վստահութիւն ներշնչել, սակայն Կ. Պոլսոյ մէջ մտածեցին, որ անհրաժեշտ է Շղթայակիրին ներկայութիւնը, թէ իբր գործին տէրը, եւ թէ հեղինակութեամբը եւ արժանիքովը զօրաւոր ազդակ մը գործին վճռական յաջողութիւնը ձեռք բերելու: Այդ նպատակով պատրիարք ազգայիններու հետ գիր մը ուղղեց Շղթայակիրին ամենայն յարգանօք, որ թէպէտ ծերացած, բայց աթոռին սիրոյն յանձն առնու Կ. Պոլիս գալ: Նամակը 36 ստորագրութիւն կը կրէ, եւ պատրիարքին հետ ստորագրած են, 6 աւագերէցներ, 4 տիրացուներ, 2 եկեղեցպաններ, 3 չէլէպիներ, եւ 20 ազգային գլխաւորներ: Նամակը գրողներ կը նախատեսեն թէ Շղթայակիր պիտի կարենայ առարկել, որպէflս ի ծերութիւն իմ չխնայելով հարկեցիք զիս գալ այսր, եւ կը պատասխանեն թէ չեմք այնչափ անգութք եւ քարասիրտք, եւ եթէ հարկն չպահանջէր, մեք եւս ոչ հարկէաք զհայրդ ( ՄԿՐ. ): Նամակը 1736 տարեթիւ ունի, բայց ամսաթիւ չունի, միայն զատկին երկրորդ օրը, ապրիլ 26-ին Երուսաղէմի եկեղեցւոյն մէջ կարդացուած ըլլալէն ( ԱՍՏ. Բ. 48) կը հետեւի, թէ տարւոյն սկիզբները գրուած է:

1985. ՇՂԹԱՅԱԿԻՐ Ի Կ. ՊՈԼԻՍ

Այս նամակին վրայ Շղթայակիր որոշեց Կ. Պոլիս երթալ, ինչպէս արդէն ալ յօժարած էր. իր բացակայութեան միջոցին գործերուն հսկելու համար տեղապահ, փոխանորդ, գանձապետ եւ թարգման նշանակեց` կարողագոյն միաբաններէն ( ԱՍՏ. Բ. 48), Գաբրիէլ, Թէոդորոս, Յովհաննէս եւ Պօղոս վարդապետները ( ԱՍՏ. Բ. 60-61): 1736 մայիս 6-ին, Նոր կիրակէի հինգշաբթին Երուսաղէմէ մեկնեցաւ ուխտաւորներու բազմութեան հետ, եւ 15-ին Յոպպէէ նաւ մտաւ, Կիպրոս հանդիպեցաւ, բայց անկէ անդին տագնապեալ ի մրրկէ ծովու եւ ի պակասութենէ ջրոյ, պարտաւորուեցաւ ուղեկիցներուն հետ ցամաք ելլալ յունիս 5-ին, Ֆինիքէ (PhinԸka) նաւահանգիստը, Ատալիայի արեւմտակողմը, եւ ցամաքէն յառաջել դէպի Կ. Պոլիս: Բունղարպաշի կոչուած տեղը տենդով հիւանդացաւ, եւ շատ նեղութեամբ Կուտինա հասաւ, ուր 21 օր մնաց, եւ ուր եկան զինքն դիմաւորել եւ հոգալ, Կոլոտէ յղուած իր չորս յառաջադէմ աշակերտներէն` Յարութիւն Հեզահոգի, Յակոբ Նալեան, Սահակ Ահագին եւ Յակոբ Պալաթցի վարդապետները: Կուտինայի մէջ քիչ մը կազդուրուելով, եւ Պրուսայի մէջ առաջնորդ Ներսէս Պալաթցի եպիսկոպոսէն հիւրասիրուելով, այն որ պատրիարք եղած էր ժամանակին 1867), ողջամբ կը հասնի Կ. Պոլիս 1736 յուլիս 23-ին, Վարդավառի բարեկենդանին նախընթաց ուրբաթ օրը: Անգամ մըն ալ կը նորոգուէր այն յուզումնալից տեսարանը, որ տեղի ունեցած էր Շղթայակիրին առաջին անգամ Կ. Պոլիս եկած ատենը, երբ երկու սրտակից եւ սիրակցորդ եղբայրներ իրարու կը փարէին: Կոլոտ, 21 տարիէ իվեր պատրիարք, խոնարհամիտ կը մեծարէր իր հայրապատիւ ընկերակիցը 1926): Շղթայակիրին գալուստը Լատիններու կողմէ ալ գնահատուեցաւ, իբրեւ իրենց ալ նպաստաւոր պարագայ մը, եւ Վիլնէօվ դեսպան երկու լատին կրօնաւոր յղեց յատկապէս անոր բարիգալուստ մաղթելու, որուն շնորհակալութիւն մատոյց Շղթայակիրը` յայտարարելով, թէ իբր հիւանդ` առողջութիւն, եւ իբր նեղեալ` մխիթարութիւն գտնելու եկած է, դեսպանին ալ աջակցութիւնը կը խնդրէ ( ՉԱՄ. Գ. 811): Արդէն Հայերու եւ Լատիններու յարաբերութիւնները քաղցրանալու երես կ՚առնէին, եւ Կոլոտ յատուկ նամակներ ալ գրած կ՚ըսուի Գաղղիոյ Լուդովիկոս ԺԵ. թագաւորին եւ Հռոմի Կղեմէս ԺԲ. պապին ( ՉԱՄ. Գ. 811), թէպէտ պատճէնները տեսնուած չեն: Գրիգոր իջեւանած էր Իւսկիւտար Երուսաղէմապատկան վանատունը, բայց անշուշտ յաճախ էին երկու պատրիարքներուն տեսակցութիւնները, առջեւնին ունեցած մեծ գործը աւարտելու համար: Իրաւ` տագնապալից վայրկեանները անցած էին, եւ Յոյներ ալ` կարծես թէ հանդարտած, գոնէ անգործ էին, Էսսէիտ Մէհէմմէտ եպարքոսին բռնած ուղղութենէն ցնցուած. բայց խնդիրը կը մնար, եւ միայն քննութենէն ետքը վճռաբար պիտի վերջացուէր, եւ մինչեւ որ գործը չի լրանար, վստահիլ անհնար էր: Սակայն առժամեայն ալ իբր վերջնական կը նկատուէր հասարակ ժողովուրդէն, այնպէս որ նորէն Հայի ու կաթոլիկի բանավէճերը կը սկսէին մէջտեղ գալ, եւ մանաւանդ ամավերջի հանդիսական օրերը առիթ կ՚ընծայէին տարբեր տօնակատարութեանց եւ փոխադարձ մեղադրանաց: Մինչեւ իսկ Լատիններէ ոմանք դեսպանին ականջը հասուցին` թէ Շղթայակիրը Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյն մէջ, ուր Աստուածայայտնութեան տօնին նախագահած էր, իբր թէ ի քարոզի իւրում հայհոյեաց զպատարագն Լատինաց ( ԱՍՏ. Բ. 49): Բայց Վիլնէօվ, այր խոհեմ, եւ մանաւանդ Լատին կրօնաւորներուն քսութեանց վարժ, եւ ծանրագոյն խնդիրներու կարգադրութեան հետամուտ, ոչ միայն այդ խօսքերուն կարեւորութիւն չտուաւ, այլեւ հանրութեան միտքը շինելու համար հացկերոյթ մը տուաւ դեսպանատան մէջ կիրակի օր, 1737 փետրուար 3-ին ( ՉԱՄ. Գ. 811), եւ հրաւիրեց Շղթայակիր եւ Կոլոտ պատրիարքները, Էջմիածինի նուիրակ Պետրոս Հռոմկլայեցի վարդապետը, Քիւթիւր մականուանեալ, եւ Հայոց մեծամեծներէն քանիներ: Փոխադարձ հաշտութեան խօսքեր եղան, պատրիարքներ առաջարկեցին Հայոց եկեղեցին երթալու արգելքը վերցնել տալ, դեսպանը խնդրեց նզովքի շարականին երեք տուները չ՚երգել, եւ փոխադարձ հաւանութեամբ մեկնեցան ( ՉԱՄ. Դ. 811): Արդէն շարականի խնդիրը Կարապետ կաթողիկոսի օրէն պաշտօնապէս կարգադրուած էր 1953):

1986. ՔԻՒԹԻՒՐԻ ՄԻՋԱԴԷՊԸ

Պզտիկ պարագաներ երբեմն մեծ խնդիրներու դուռ կը բանան, եւ ջնջին դէպքեր կարեւոր տագնապ մը կը ստեղծեն. բայց պէտք չէ կարծել թէ յանկարծ կը ծնին: Քիւթիւր նուիրակը, բնութեամբ անհանգիստ եւ ձգտումներով անյագ, անտարբեր աչքով չէր կրնար տեսնել Կոլոտի այդչափ ատեն պատրիարքական աթոռին վրայ մնալը, որ ուրիշներուն փափաքները կը խափանէր: Առիթ մը, պատճառանք մը կը փնտռէր, եւ կարծեց զայն գտնել, զինքն անիրաւուած ցուցնելով Կոլոտի երեսէն, որովհետեւ Վիլնէօվ վերոյիշեալ հացկերոյթէն ետքը մէկ մէկ ծոցի ժամացոյց նուիրած էր երկու պատրիարքներուն, իսկ իրեն չէր տուած: Այնպէս ուզեց մեկնել, իբր թէ Մայրաթոռը արհամարհուած էր Կոլոտի սադրանօք, զի թէպէտ դեսպանին եւ Շղթայակիրին ալ մեղադրանքներ կը խօսէր, սակայն գլխաւոր յարձակումը Կոլոտի դէմ էր, որուն իյնալէն կրնար օգտուիլ: Քիւթիւր, Էջմիածինի նուիրակ, կ՚երեւի իր նախորդէն` Սիմէոն Երեւանեցիէն ժառանգութիւն ստացած էր Կոլոտի դէմ այդ ամբաստանութիւնն ընելու 1945): Ինչպէս ալ ըլլայ, Մայրաթոռի անունով ոտք հանեց Արեւելցի կոչուած մեծամեծները ( ՉԱՄ. Գ. 812), որով կ՚իմացուէին ներքին գաւառներու բնիկները, որոնք նորէն առանձնայատուկ դիրք մը կազմած էին, զի իրենց նահանգը Երեւանով եւ Էջմիածինով Պարսիկ տիրապետութեան անցած էր 1975): Դեսպանն ալ Քիւթիւրի լեզուակարութիւնները լսելով Կոլոտէ կը պահանջէր, զայն զսպել եւ Կ. Պոլիսէ հեռացնել: Ժողովուրդին մէջ ալ, ինչպէս բնական է, երկպառակութիւններ կ՚աճէին, եւ Կոլոտը պատրիարքութենէ վար առնելու կողմնակցութիւն մը կը կազմուէր: Շղթայակիրը տեսնելով որ գժտութիւնները կրնան ամէն գործերու համար ձախողութիւն յառաջ բերել, չնայելով որ տկար ու հիւանդ էր Իւսկիւտարի վանատան մէջ, պէտք տեսաւ պատգարակով Մայրեկեղեցի իջնել: Ժողովուրդն ու մեծամեծները հաւաքեց, քարոզեց, յորդորեց, խրատեց, եւ երկուքնուն միատեղ քաշուելու ենթադրութիւնը զգացուց, եւ վերջապէս յաջողեցաւ խաղաղութիւնը հաստատել, Արեւելցիներուն ալ սխալ քայլերնին զգացնել, եւ այդպէս փակուեցաւ այդ ներքին միջադէպը, որ աննշան պարագայէ մը սկսելով կրնար մեծամեծ հետեւանքներ ունենալ: Քիւթիւր ալ իր ձախողիլը տեսնելով, ստրջացեալ մեղայ ասաց, եւ Կոլոտ կրցաւ դեսպանը հաճեցնել, որ միջադէպին կարեւորութիւն չտայ, եւ հաճի Քիւթիւրին ըրածը անտես առնել ( ՉԱՄ. Գ. 812): Վիլնէօվ դեսպան գոհ մնաց միջադէպին փակուելուն, որով Կոլոտի դիրքը կ՚ամրանար, եւ Երուսաղէմի խնդիրին մէջ Լատիններուն կողմն ալ կ՚ապահովուէր Յոյներու յաւակնութեանց դէմ: Դեսպանը 1737 մարտի սկիզբները հանդիսաւոր կերպով Ղալաթիոյ Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցին կ՚այցելէր ընտանիքով, դեսպանատան պաշտօնեաներով եւ Լատին մեծամեծներով մէկտեղ, որպէսզի լատինամիտներ ալ Հայոց եկեղեցիներէն չխորշին: Այն տարի Բուն բարեկենդանը փետրուար 20-ին էր հանդիպած: Աւագ ուրբաթի թափօրին, ապրիլ 8-ին, դեսպանը Ղալաթիա կ՚իջնէր` Լատինաց Ս. Բենեդիկտոս (Saint-BԸnoit) եկեղեցին, եւ փափաքելով Հայոց Ս. Լուսաւորչի թափօրը տեսնել, խնդրեց որ մինչեւ հոն գայ, եւ Լատին եկեղեցականութեան կողմէն զարդուք եւ սպասուք եւ գալարափողովք պատուասիրութիւն ընել կու տար: Թէպէտ երկու կողմերուն նախանձայոյզները, դեսպանը Հայ եւ պատրիարքը Լատին եղած կ՚ըսէին ( ՉԱՄ. Գ. 813), սակայն ընդհանուր տպաւորութիւնը նպաստաւոր էր: Լատիններ` եւ գլխաւորապէս դեսպանը, Հայոց գործակցութեամբ, Երուսաղէմի մէջ իրենց դիրքը ապահովել կ՚աշխատէին, իսկ Հայեր, եւ գլխաւորապէս պատրիարքը, ներքին կուսակցութեանց ջնջումը կը նախատեսէին:

1987. ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՑ ԸՆԹԱՑՔԸ

Այդ միջոցին տիրող հաշտ ընթացքը, եթէ Կոլոտի տեսութեամբ ներքին խաղաղութեան եւ հանդարտութեան պիտի ծառայէր, սակայն միւս կողմէն դիւրութիւն եւ քաջալերութիւն կ՚ընծայէր լատինականութեան հետեւող Հայ եկեղեցականներուն` իրենց գործունէութիւնը տարածելու Հայոց մէջ, եւ օգտուելով Հայոց պատրիարքարանի մեղմ ընթացքէն, եւ ազգայնոց Լատիններու շփուելէն, եւ ուսման ու զարգացման հետեւելու փափաքէն, հետզհետէ կ՚ընդարձակէին իրենց գործունէութիւնը: Այդ նպատակին աւելի կը ծառայէին Մխիթարեան եւ Անտոնեան նորակազմ միաբանութեանց անդամակիցները, որոնք անդստին այդ ժամանակէն մոլեռանդ լատինականութենէ տարբեր ուղղութիւն մը ընդգրկած էին, քարոզելով եւ բացատրելով թէ Հայոց եկեղեցին եւ հայադաւանութիւնը, Հռոմի եկեղեցիէն ու հռոմէականութենէ օտար չեն, եւ հիմնապէս միեւնոյն են, միայն ինչ ինչ թիւրիմացութիւններ կան, որոնք Հռոմի դիտողութեան առիթ կու տան, եւ անոնք ուղղել եւ փոխելն ալ ոչ միայն հայադաւանութեան իսկութիւնը չի խախտեր, այլեւ մեծապէս օգտակար կ՚ըլլայ, պապութեան հզօր պաշտպանութիւնը եւ եւրոպական տէրութեանց հովանաւորութիւնը ապահովելով: Կ՚աւելցնէին եւս թէ Հայութեան անկեալ եւ տառապեալ վիճակն ալ վերակենդանութիւն կը ստանայ, մտաւորական զարգացմամբ եւ նիւթական բարօրութեամբ: Մխիթար կրկնակի միջոցներով այդ ուղղութեան կը ծառայէր: Վենետիկի դիրքէն եւ դիւրութիւններէն օգտուելով հետզհետէ կաթոլիկամիտ հրատարակութիւններ կ՚առատացնէր եւ ազգին մէջ կը ցրուէր, Մայրաթոռի հայրապետին անունն ալ անոնց ճակատը դրոշմելով, աւելի ընդունելի ցուցնելու համար: Գիրքի կարօտ եւ ուսման ծարաւի Հայեր` մեծաւ փափաքանօք կը ստանային այդ հրատարակութիւնները, եւ անուղղակի կը հրապուրուէին: Միւս կողմէն Մխիթար իր աշակերտներէն քանիները Արեւելք կը ղրկէր, որ այդ միտքով քարոզութիւններ ընեն, ինչպէս եղան Եղիա Մարտիրոսեան, Յովհաննէս Սիմոնեան, Մանուէլ Խուպիարեան, եւ Ստեփանոս Պետրոսեան միաբանները կամ հայրերը, որոնք Կ. Պոլիս եւ գաւառներ շրջեցան: Մինչեւ իսկ կը պատմուի թէ Գաբրիէլ Կարնեցին` Ջահկեցի Ունիթորներու դէմ վիճած ըլլայ, Հայ եկեղեցւոյ մէջ պաշտուած խորհուրդներուն վաւերականութիւնը պաշտպանելու ( ՄԽԻ. 337): Այդ շրջանակէն դուրս կը թողունք Լեհական եւ Մաճառական շրջագայութիւնները, զի այն գաղութներ Յովնանեանէ ետքը պաշտօնապէս անջատուած, եւ Արեւելքի հետ յարաբերութիւննին կտրած էին 1819): Մխիթարեան միաբանութիւնը այս կերպով իր նախաքայլերը կը հաստատէր ուսումնական եւ կրօնական ասպարէզներու մէջ: Բայց տակաւին ուսումնականը` զուտ գրական եւ հայկաբանական շրջանակին մէջ չէր, այլ իբրեւ կրօնականին ձեռնտու միջոց մը կը գործածուէր: Եթէ Վենետիկի մէջ Մխիթարի հոգածութեամբ մինչեւ 1737 հրատարակուած գիրքերուն ցուցակը զննենք, անոր մէջ աւելի կրօնական եւ հոգեւորական նիւթերու կը հանդիպինք ( ՏՊԱ. 264-268), քան թէ այն ընտիր երկասիրութեանց, որոնք Հայ լեզուին եւ մատենագրութեան կեանք տուին ապագայ ժամանակներու մէջ: Բացառիկ յիշատակութեան արժանի է Աստուածաշունչի պատկերազարդ եւ շքեղ տպագրութիւնը 1733-ին, բայց այն ալ Ոսկանեան օրինակն էր լատինականով աղաւաղուած 1746), եւ ոչ նախնեաց ընտիր թարգմանութիւնը:

1988. ԱՆՏՈՆԵԱՆՑ ԳՈՐԾԵՐԸ

Անտոնեանք Արեւելքի մէջ մնացած ըլլալով աւելի մօտէն կը շփուէին ժողովուրդին հետ, եւ առաւելապէս Ասորիքի, Միջագետքի եւ Կիլիկիոյ թեմերուն հետ, ուսկից էին իրենք ալ, եւ ուր լատինասիրութիւնը հին յիշատակներ կը պահէր Ռուբինեանց կամ Լուսինեանց օրերէն: Այդ նպատակին կը նպաստէր Աբրահամ Արծիւեան եպիսկոպոսին ներկայութիւնն ալ, զոր իրենց վանքը փոխադրած էին իբրեւ հիւր 1940), բայց միանգամայն իրենց թեմակալ առաջնորդը կը ճանչնային, զի իրենք Բերիոյ վիճակէն էին, եւ նա Բերիոյ առաջնորդ կը սեպուէր: Արծիւեան առաջնորդական իշխանութեամբ` Անտոնեաններէն քանիները կը ղրկէր ի ծածուկ այց առնել եւ մխիթար լինել Բերիոյ լատինամիտներուն, ինչպէս ինքն կը գրէ 1727 սեպտեմբերին գրած նամակովը ( ԱՆՏ. ): Այդ ղրկուածներուն մէջ առաջնակարգ գործունէութիւն ունէին Յակոբ Յովսէփեան եւ Իսահակ Բարսեղեան հայրերը 1940), որոնք իրենց կոչման մէջ կատարելագործուելու համար, 1730-ին նախ Հռոմ կ՚երթային պապին բացատրելու` ժամանակին նամակով հաղորդած ձեռնարկնին 1939), եւ անկէ Վենետիկ կ՚անցնէին, Խաչատուր Կարնեցի վարդապետին մօտ ուսանելու, եւ պէտք ունեցածնին համբարելէ ետքը 1732-ին հրաման կը ստանային Կ. Պոլիս անցնիլ, եւ անկէ ալ Անկիւրիա կը ղրկուէին, իբր հռոմէադաւանութեան քարոզիչներ: Անկիւրիա ալ հասած էին կաթոլիկութեան ձայները, եւ հրապուրեալներ ալ կային, որոնք երեք չորս հարիւր անձինք կը կարծուին, բայց չունէին իրենց ուղղութենէն քահանայ, եւ եթէ երբեք պատահմամբ հանդիպէին ալ, գոնէ հինգ տարիէ իվեր հռոմէադաւան քահանայի երես տեսած չէին ( ՄԽԻ. 327): Այդ պէտքը լրացնելու նպատակով հայր Յակոբ եւ հայր Իսահակ` Լատին եպիսկոպոսին կարգադրութեամբ Կ. Պոլիսէ կ՚երթային Անկիւրիա, 1733-ին ատենները, ուր կը մնային երեք տարի, Անկիւրիոյ կաթոլիկութեան թէ ոչ հիմնադիրները, գոնէ կազմակերպիչները ըլլալու ( ԱՆՏ. ): Ասոնց յաջողութեան պատճառները պիտի տեսնենք նախ այն հաշտարար ընթացքին մէջ որուն կը հետեւէր Կոլոտ, անուղղակի ասպարէզ թողլով սպրդող քարոզիչներուն, եւ երկրորդ այն ձեւին մէջ, զոր որդեգրած էին Մխիթարեան եւ Անտոնեան միաբանները, դիւրամատոյց ընծայելով հռոմէականութեան ընդունելութիւնը, եւ բաւականանալով թեթեւացած յայտարարութիւններով 1987): Այդ երեւոյթներուն առջեւ Հայ եկեղեցականներ չէին դժուարիր իրենք ալ նոյն կերպ մտածելնին յայտարարել, մանաւանդ եթէ դիւրահաւան եւ շատ խորունկը չթափանցող անձերու վրայ փորձուէր յիշեալ կերպը: Այս տեսակէն եղած կ՚երեւի Մովսէս Շիրինեան եպիսկոպոս, Գաղատիոյ առաջնորդը, որ սիրով կ՚ընդունէր Հռոմէ եկող եւ լատինական ուսման ձեւերով կերպաւորուած երկու եկեղեցականները, եւ ազատ կը թողուր անոնց գործունէութիւնը, եւ մինչեւ իսկ համամտութեան յայտարարութիւն կու տար ( ՉԱՄ. Գ. 813): Անտոնեան երկու միաբաններուն տեսութեամբ` Մովսէս առաջնորդ եւ իրեն հետեւող եպիսկոպոս մը եւ չորս վարդապետներ, զհաւատոյ դաւանութիւն լիակատարապէս տուած են ( ԱՆՏ. ), սակայն պատճէնը չունինք, եւ Մովսէս իր համոզումէն տարբեր բան մը յայտարարած չի կրնար ըլլալ: Նա ոչ Հայ եկեղեցիէ զատուեցաւ, եւ ոչ իր դիրքը կորսնցուց, եւ ոչ իր վրայ դիտողութիւն հրաւիրեց, եւ իր աթոռին վրայ խաղաղութեամբ վախճանեցաւ եւ Հայոց կողմէն պատուով թաղուեցաւ 1735-ին ( ՉԱՄ. Գ. 813): Անոր յաջորդ ուզուեցաւ Յակոբ Նալեան, բայց Կոլոտ չ՚ուզելով զայն իրմէ հեռացնել, փոխանորդ նշանակուեցաւ Պետրոս Պահատուրեան վարդապետը, բնիկ Անկիւրիացի, բայց ուղղութիւնը միեւնոյն չմնաց: Եղիա Կիւլապեան Գաղատացի Ունիթորին հանած խնդիրները, խռովութեանց պատճառներ տուին, եւ Յակոբ ու Իսահակ Անկիւրեան թողուցին ու հեռացան 1736-ին: Բայց որովհետեւ հռոմէադաւանութեան հետեւողներ բաւական բազմացած էին Անկիւրիոյ մէջ, ներքին կռիւներ ծագեցան, եւ ժողովուրդը բաժնելու ձեռնարկներ եղան, եւ Անկիւրիոյ եօթն եկեղեցիներէն չորսը հռոմէականներու ձեռքը անցան ( ՉԱՄ. Գ. 814): Կոլոտ պատրիարք` նկատելով Երուսաղէմի խնդիրով կազմուած համերաշխական ձգտումները 1986), եկեղեցիները ետ առնելու բուռն ձեռնարկներ չ՚ըրաւ, այլ Պահատուրեանի տկարութիւնը տեսնելով, եւ Նալեանի հեռացումն ալ չ՚ուզելով, Սարգիս Սարաֆեան եպիսկոպոսը յղեց 1973), որ Կեսարիոյ առաջնորդութիւնը թողած Կ. Պոլիս կը դեգերէր: Սարաֆեան, զոր այդ ժամանակէն իբր յայտնի հռոմէադաւան եղած հռչակել կ՚ուզուի, հարկաւ հռոմէականներ զսպելու չէր ղրկուէր, եթէ այնպէս ճանչցուած ըլլար: Ի զուր է իր ներբողաբանին ըսելը թէ եկեղեցիներուն հռոմէականաց անցնիլը տհաճ չէր Սարգսի, քանի որ եկեղեցիները ետ առնելու պաշտօնը յընդունել նա զիջանի ( ԳԱԼ. 39):

1989. ՀԱՅՈՑ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Երբ այդ եղելութիւններ Տաճկաստանի մէջ կը կատարուէին, անդին Պարսկաստանի տիրապետութեան ներքեւ կը շարունակէին Աբրահամ կաթողիկոսին եւ Նատիր շահին յարաբերութիւնները, որոնց վերջին արտայայտութիւնն եղաւ Աբրահամի Թավրէզ երթալը 1981): Կրետացիին կաթողիկոսութեան ժամանակին դէպքերը քաղեցինք իր իսկ թողած պատմագրութիւններէն, եւ նկատողութեան արժանի կը գտնենք, որ ինքն ալ, որ Տաճկահայ ծնած ու ապրած էր, եւ հանդիպմամբ միայն Պարսկահայ դարձած, բնաւ Տաճկահայերուն գործերով չէ զբաղած: Կոնդակ մը միայն ունինք իրմէ, Մուղանի դաշտէն գրուած 1736 փետրուար 20-ին, եւ Յարութիւն ու Սեղբոս, Աստուածատուր ու Պաղտասար ամիրաներուն ուղղուած ( ԿՐԵ. 93), ուր Նատիրի մեծութեանց ու հարստութեանց եւ իր առած նուէրներուն պատմութիւնով կը զբաղի, առանց ժողովուրդին վիճակովը հետաքրքրուելու: Իր գրելու սկսած պատմութեան տետրակն ալ Նիկողայոս Արմաշցի քահանային հետ կը ղրկէ Կոլոտին, որդւոյս իմոյ հասցէով, եւ կանխապէս կրկին եւ երեքկին նամակներ ալ գրած ըլլալը կը յիշէ, որոնց պարունակութիւնը կ՚երեւի թէ տարբեր չէր: Կրետացին այնպէս գրաւուած էր իր Նատիրով, որ անկէ դուրս բան չէր տեսներ աշխարհի վրայ, եւ ինչ աղէկութիւն ալ որ կը բաղձար իր ազգին, եւ ինչ պաշտպանութիւն որ կը փնտռէր իր եկեղեցւոյն, Նատիրին շնորհքներէն դուրս չէր յուսար եւ չէր որոներ: Իրաւ իր ժամանակը արդէն ջնջուած էր հայկական շարժումը 1956), բայց կ՚երեւի թէ յիշատակն ալ վտանգաւոր էր, որ Կրետացին Մուղանի ուղեւորութեան մէջ հայկական պատերազմներուն ասպարէզ եղող ձորերէն ու դաշտերէն ալ անցնելով, բնաւ անոնց մասին միտք չի դարձներ: Հայ գունդերուն վերջին բեկորներ Ռուսական ծառայութեան զինուոր դարձած էին: Լոկ Լազար Խրիստոֆորով զօրավարին մասին յիշատակ մը կը գտնենք 1734 յունիս 26-ին ( ԵԶՆ. 451): Նոյն թուականին Իվան Կարապետով գնդապետն ալ` Հայերուն Ռուսաստանի մէջ հաստատուելուն եւ բազմանալուն հետամուտ, այդ միտքով խնդրանքներ կը ներկայէ Աննա կայսրուհւոյն, իրեն համար ալ զօրավարութեան աստիճան կը հայցէ, եւ այդ կերպով միւս տարին, 1735-ին Ղըզլար քաղաքը կը հիմնուի Հայ գաղթականներու ձեռքով ( ԼԷՕ. Բ. 414): Մինաս Տիգրանեան եպիսկոպոսը, Օրիի գործակիցը, մոռցուած էր այլեւս, զի նա Հայաստանի վերակենդանութեան հին գաղափարներով կը մնար տակաւին: Իզուր 1736 մարտին ընդարձակ տեղեկագիր մը կը մատուցանէր հին գործերը եւ հին խոստումները յիշեցնելով ( ԵԶՆ. 455), բայց ոչ Ռուսական կայսրութիւնը, եւ ոչ Ռուսական ծառայութեանը մտած Հայերը` իրմով չեն հետաքրքրուիր: Գոնէ Ռուսաստանի Հայոց առաջնորդ ճանչցուիլ կը փափաքի ( ԼԷՕ. Բ. 415), եւ չենք գիտեր թէ ինչու Կրետացին այդչափին համար ալ չի միջնորդէր, եւ ծերացեալ աշխատաւորը, մինչեւ իսկ յունադաւան եկեղեցին անցնելու միտքեր կը յղանայ ( ԼԷՕ. Բ. 415), եւ յուսաբեկ կը կնքէ իր վաստակաբեկ կեանքը: Անդին Ռուսական զօրավար դարձած Խրիստոֆորովն ու Կարապետովը` աւելի երջանիկ կեանք կը վարեն օտարի ծառայութեան մէջ: Կարապետով դեռ կենդանի է Եղիսաբեթ կայսրուհւոյն օրով, 1744-ին ատենները, որուն պատուոյ օրիորդ կ՚անուանուի իր թոռը ( ԼԷՕ. Բ. 414):

1990. ԿՐԵՏԱՑԻԻՆ ՄԱՀԸ

Ըսինք արդէն թէ Կրետացին Աբրահամ` Թավրէզի ուղեւորութենէն դառնալէն ետքը հազիւ հինգ ամիս եւս ապրեցաւ 1981): Այդ հինգ ամիսներուն մասին ոչ մի յիշատակ չունինք, եւ ինքն ալ բան մը չի գրեր, եւ կ՚երեւի թէ մօտալուտ վախճանը նախատեսելով, աւարտ պատմութեանս խօսքով զայն կը փակէ ( ԿՐԵ. 90): Երեւանեցին կը գրէ թէ իր ծեր եւ լցեալ աւուրբք եւ ցաւագար իսկ ( ՋԱՄ. 30), եւ վերջին ուղեւորութիւնը հիւանդութեան մէջ ըրած ըլլալը յիշեցինք 1981), եւ պէտք կ՚ըլլայ ըսել թէ ձմեռնային ուղեւորութեամբ Թավրէզէ դառնալովը` բոլորովին տկարացաւ` եւ խօթագին անցուց ձմեռը, եւ գարնան բացուելուն, 1737 ապրիլ 18-ին ( ՇԱՀ. Ա. 227), նոր կիրակիի երկուշաբթին, վախճանեցաւ, ու թաղուեցաւ Ս. Շողակաթի գաւիթին ձախակողմը: Տարիքին վրայ ոչ իրմէ եւ ոչ ուրիշէ որոշ տեղեկութիւն չունինք, այլ բացատրութիւնները կշռելով կրնանք իբր ութսընամեայ մեռած ենթադրել: Զինքն միշտ Կրետացի կոչեցինք, իր ծննդավայրէն առնելով, բայց շատերէ Թրակացի կամ Թէքիրտաղցի կամ Ռոտոսթոցի ալ կոչուած է, իր առաջնորդական վիճակէն առնելով, զոր 1709-էն մինչեւ 1734, 25 տարի կառավարեց, գովանի յիշատակ թողլով ետեւէն: Իր կաթողիկոսական գործունէութեան նկարագիրը տուած եղանք, Նատիրի մօտ անցուցած օրերուն պարագաները պատմելով, որոնք իր 29 ամսական պաշտօնավարութեան մեծագոյն մասը գրաւեցին: Ատենին կարճութիւնն ալ արգելք եղաւ ուրիշ գործի ձեռնարկել, եւ եթէ շինուածս ինչ ոչ կարաց առնել յաթոռոջս, պատճառը այն եղաւ, որ ժամանակ եւս ոչ ունեցաւ, զի միշտ ընդ շահին լինէր: Այսու հանդերձ Երեւանեցին ալ կը խոստովանի, թէ քան զամենեսեան առաւել արար զբարութիւնս եւ զօգուտս սրբոյ աթոռոյս եւ ազգիս, եւ բոլոր երկրիս մերոյ ( ՋԱՄ. 30): Աթոռին համար ըրածը, անոր պաշտպանութիւնն էր, որ այնպիսի շփոթ եւ խռոված ժամանակներու մէջ, ամէն ստացութիւնները եւ իրաւունքները եւ վայելքները անխափան պահպանուեցան, ոչ միայն չի վնասուեցան, այլ եւ նպաստներով եւ շնորհքներով բարդուեցան: Իսկ ազգին համար ըրածները քաղելով պէտք է յիշել, թէ զբազումս ազատեաց ի մահուանէ, զշատս իջոյց ի կախաղանէ, զբազմաց զաչսն եւ զականջսն ազատեաց ի բրելոյ եւ ի հատանելոյ, զանհամար գերիս ազատեաց, զբազումս տաճկացեալս յետս դարձոյց, զի անոր բան եւ խնդիր մի ոչ անկանէր յերկիր առաջի այնպիսուոյ բռնաւորին Նատիրի, եւ նոյնիսկ Պարսիկ աւագանին եւ պալատականներ անոր միջնորդութեան կը դիմէին, զի զհոգալիս իւրեանց հոգասցէ Նատիրին մօտ: Ուստի Երեւանեցիին հետ մենք ալ կրնանք կրկնել, թէ անոր յիշատակն օրհնութեամբ եղիցի ( ՋԱՄ. 31): Չենք վարանիր արժանաւորագոյն հայրապետներուն հետ յիշել անոր անունը, իբրեւ Էջմիածինի պայծառութեան համար գլխաւոր վաստակաւորներէն մին