Ազգապատում. հատոր Բ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ՍԱՐԳԻՍ Գ. ՄԻՒՍԱՅԼ

1517. ՅԱՋՈՐԴԵԼՈՒՆ ՊԱՐԱԳԱՅՆ

Երբոր Յովհաննէս Աջակիր Էջմիածինէ մեկնեցաւ 1484-ին ( § 1513), արդէն օծեալ կաթողիկոս մը կար իրեն աթոռակից, որ նովին իսկ աթոռին բուն գահակալը կ՚ըլլար, եւ աթոռակիցէ աւելի բան մը, քանի որ իրմէ գերագոյնը չկար Մայրաթոռի մէջ: Այդ կաթողիկոսն էր Սարգիսը, ոչ Աջատարը, ինչպէս շատեր շփոթեցին: Մենք արդէն շեշտեցինք երկու Սարգիսներու տարբերութիւնը, պնդելով Դավրիժեցիին Միւս այլ տէր Սարգիս բացատրութեան վրայ ( § 1507), եւ որովհետեւ այդ վերջին Սարգիսին ալ ծագումը եւ նախկին պաշտօնը մեզի անծանօթ է, կրճիմը լուծող բառերը իբր իրեն որոշիչ եւ մակդիր անուն կ՚ընդունինք, եւ Սարգիս Գ. Միւսայլ կը կոչենք, եւ Յովհաննէսի մեկնելուն թուականէն զինքն իբր բուն գահակալ կը նկատենք: Ասով Յովհաննէսը իբր վախճանած չենք ուզեր ցուցնել, այլ իբր գործէ ձեռնթափ եւ բուն գահակալութենէ հրաժարած կը սեպենք, կամ թէ աթոռակիցի կերպարանին ներքեւ մտած, որովհետեւ արդէն ընդունեցանք Լեհաստանի մէջ իբրեւ կաթողիկոս գացած եւ ապրած ըլլալը, եւ մինչեւ իսկ հաւանական նկատեցինք, որ Կոստանդնուպոլիս նահատակուած Յովհաննէս հայրապետը եղած ըլլայ ( § 1516): Միւսայլ Սարգիս որ Յովհաննէսի հեռանալովը աթոռին տէրը կ՚ըլլար, նշանաւոր եղած է իր օրով աթոռակցութեան բարձրացնողներու շատութեամբը, որոնք Արիստակէս Գ., Թադէոս Ա. եւ Եղիշէ Բ. անուններով սովորական ցուցակներու ալ անցած են իբր բուն կաթողիկոսներ ( ԺԱՄ. 636), ինչ որ հնար չէ ընդունիլ, քանի որ միեւնոյն ատեն աթոռի վրայ կը գտնուէր վերոյիշեալ Սարգիսը, որ բուն գահակալն էր: Մենք կանոններու եւ օրէնքներու եւ ընկալեալ սովորութիւններու հակառակ կը նկատենք, միեւնոյն աթոռի վրայ եւ միեւնոյն ժամանակ մէկէ աւելի գահակալներ ճանչնալ, ընդունելով միայն որ գահակալներ, առանց հրաժարելու, կարենան իրենց մօտ լիազօր փոխանորդներ կամ գործակիցներ կամ աթոռակիցներ ունենալ, որոնք կարենան համահաւասար կերպով բոլոր իրենց ըրած գործերը կատարել, միւռոնի օրհնութիւնն եւ եպիսկոպոսի ձեռնադրութիւնն ալ մէջը ըլլալով: Սակայն այսպէս ըլլալով ալ աթոռի տէր եւ բուն գահակալ չեն կրնար ըսուիլ, եւ իրենց անունը կաթողիկոսական գաւազանին չի կրնար անցնիլ, մինչեւ որ բուն գահակալին մահուամբ կամ հրաժարմամբ աթոռը չդատարկանայ:

1518. ՉՈՐՍ ԱԹՈՌԱԿԻՑՆԵՐ

Ներկայ պարագայիս մէջ, Դավրիժեցին, որ մեզի առաջնորդ եղող նշանաւոր հեղինակութիւնն է, 1493, 1499, 1504, եւ 1506 թուականներուն ներքեւ, հաստատուն կերպով կը կրկնէ, նոյն տէր Սարգիս բացատրութիւնը, որով այդ ժամանակամիջոցին համար անհրաժեշտ է Միւսայլ Սարգիսը իբր բուն կաթողիկոս ճանչնալ, եւ չ՚արդարանար, 1466-է Սարգիս Գ., 1490-է Արիստակէս Գ., 1498-է Թադէոս Ա., եւ 1503-է Եղիշէ Բ. անունները իբր բուն կաթողիկոս արձանագրելու դրութիւնը ( ԺԱՄ. 636): Կը մնայ միայն հետազօտել թէ Միւսայլ Սարգիսի հետ եղող աթոռակիցներ չորսը մէկտեղ պաշտօնի վրայ գտնուած են, թէ ոչ իրարու յաջորդելով պաշտօն վարած են: Այդ հետազօտութեանց ալ գլխաւոր աղբիւր կ՚ընդունինք Դավրիժեցին, ուրիշ մասնաւոր յիշատակներու հետ բաղդատելով, քանի որ չեն հրատարակուած Փիրղալէմեանի հաւաքածոյին յիշատակարանները, որ կրնային միայն լուսաբանութիւններ ընձեռել: Այդ կարգին առաջին նշանակած են ոմանք Վրթանէս Օծոպեցին ( ԶԱՄ. Բ. 227- ե ) զոր մենք արդէն չընդունեցանք ( § 1512), որով առաջին կը մնայ Արիստակէս, զոր կը համաձայնինք Արիստակէս Գ. ըսել, բայց լոկ աթոռակցութեան իրաւունքով: Դավրիժեցին զայն կը նշանակէ 1493-ին ( ԴԱՎ. 337) եւ Երեւանեցին 1492-ին ( ՋԱՄ. 20): Սակայն ուրիշ յիշատակարաններ 1486-է ունին անոր անունը ( ԱՐՐ. 230), ինչ որ կը ցուցնէ թէ Յովհաննէսի մեկնելէն քիչ ետքը, Սարգիս պէտք զգացած է իրեն աթոռակից մը առնել, որով ինքզինքը բուն գահակալ նկատած է, ինչպէս որ մենք ալ արձանագրեցինք: Իսկ 1499-ին միւս աթոռակիցը յիշած ատեն, Դավրիժեցին այլ եւս Արիստակէս անունը չի տար, որով կը թելադրուինք հետեւցնել թէ Արիստակէս Գ. 1499-ին կամ քիչ առաջ վախճանած է, եւ Սարգիս առանց ընկերի չմնալու համար նոր աթոռակից մը առած է, ինչպէս որ ըսած ալ է թէ, այլ եւ եղեւ կաթողիկոս տէր Թադէոս ( ԴԱՎ. 337), զոր չենք վարանիր Թադէոս Ա. կոչել, պարզապէս աթոռակցութեան տեսակէտէն: Այդ Թադէոսի անունն ալ այլեւս չի կրկնուիր, երբ 1504-ին նոր աթոռակից մը կը նշանակուի, այլ եւ եղեւ կաթողիկոս տէր Եղիշէ, բայց միշտ կը կրկնուի բուն գահակալին անունը նոյն տէր Սարգիս ( ԴԱՎ. 337): Այս տեղ ալ իրաւունք կ՚ունենանք հետեւցնել թէ Թադէոս Ա. մեռած էր 1504-ին կամ քիչ առաջ, որով դարձեալ իբր միակ աթոռակից պաշտօնի կը կոչուէր Եղիշէն, որ եւ Եղիշէ Բ. աթոռակցութեան իրաւունքով, որով երկուքէ աւելի չեղան երբեք կաթողիկոսները մինչեւ 1506: Այս տարւոյն ներքեւ Դավրիժեցին երեք անուններ միանգամայն կը դնէ, Նոյն տէր Սարգիս եւ նոյն տէր Եղիշէ այլ եւ եղեւ կաթողիկոս տէր Ներսէս ( ԴԱՎ. 337): Աթոռակիցներու կրկնումը կրնայ հետեւանք ըլլալ առջի երկուքներէն մէկին, եւ աւելի հաւանականութեամբ Սարգիսին, տկարացած վիճակով աշխատութեան եւ յօգնութեան անբաւական գտնուելուն: Այդ Ներսէսը կրնայինք իրաւամբ Ներսէս Ե. կոչել, ինչպէս գրողներ ալ գտնուեցան ( ԱՐՐ. 230), սակայն Ներսէս Ե. կոչումը վերջին ատեններ Աշտարակեցիէն պաշտօնապէս գործածուած ըլլալուն իր ստորագրութեան մէջ, եւ աթոռակից Ներսէսն ալ բուն գահակալութեան անցած չըլլալուն, պէտք չենք ունենար թուահամարներու փոփոխութիւն ընել, եւ առանց թուահամարի կը թողունք Սարգիսի վերջին աթոռակիցը: Իսկ Աշտարակեցիին Ներսէս Ե. թուահամարը առնելուն պատճառը Չամչեան է, որ առանց մի փաստի ուզած է աթոռակից Ներսէսը նոյնացնել Աղթամարայ Ստեփաննոս կաթողիկոսի եղբայր եւ յաջորդ Ներսէսի հետ, եւ մինչեւ իսկ Դավրիժեցին սխալած ըսելու չափ յառաջ գացած է ( ՉԱՄ. Գ. 509): Չամչեանի հետեւողութեամբ է, որ սովորական ցուցակն ալ զանց ըրած է Ներսէսի անունը ( ԺԱՄ. 636), թէպէտեւ Երեւանեցին ընդունած է այն 1506 թուականին ներքեւ, մինչեւ իսկ իբր գլխաւոր ու բուն աթոռակալ ցուցնելով ( ՋԱՄ. 20): Այդ տեղ կը վերջանան Դավրիժեցիէն յիշուած Սարգիսի աթոռակիցները, որոնք իրարու յաջորդելով պաշտօն վարած են, եւ միայն վերջին տարիները երկու աթոռակիցներ միանգամայն գտնուած են:

1519. ԿԱՐԾԵՑԵԱԼ ԱԹՈՌԱԿԻՑՆԵՐ

Իբր թէ Դավրիժեցիէ յառաջ բերուած աթոռակիցներու անունները քիչ ըլլային, ոմանք ուզած են ուրիշներ ալ աւելցնել ինչ ինչ թերի կամ թիւրիմաց ակնարկներու վրայ հիմնուելով: Սակայն մենք չենք կրնար այդ անունները ցուցակին աւելցնել, եւ կը հիմնուինք Դավրիժեցիին եւ Երեւանեցիին լռելուն վրայ, որոնք հաւատարմագոյն եւ հմտագոյն աղբիւրներն են: Աւելցածներէն մէկն էր Վրթանէս Օծոպեցին, որուն վրայ կանուխէն գրած ենք ( § 1512): Իսկ երկրորդն է Յովհաննէս մը որ իբր նոր անձ երբեք յիշուած չէ, եւ որուն նկատմամբ եղած յիշատակութիւնները շատ լաւ կրնան պատշաճիլ Յովհաննէս Աջակիրին, ինչպէս որ իր կարգին բացատրեցինք ( § 1514): Դաւիթ մըն ալ տեղ մը յիշուեր է եղեր, թէպէտ մենք չենք տեսած, եւ ոչ ալ գիտենք թէ ինչ հիմամբ Ներսէս եւ Դաւիթ միեւնոյն անձը կարծուած են ( ԱՐՐ. 230), եւ չենք համարձակիր կաթողիկոս մը կամ աթոռակից մը աւելցնել, եւ ոչ ալ երկանուն մը ընդունիլ: Ասոնցմէ զատ 1488 թուականին գրուած յիշատակարանի մը մէջ, ի հայրապետութեան տէր Յուսկանն տեսնուիլը ( ԱՐՐ. 230), իրաւունք տուած է ոմանց Յուսիկ Բ. կաթողիկոս մըն ալ աւելցնել այդ միջոցին, զոր չունին ոչ Դավրիժեցին եւ ոչ Երեւանեցին, որ է ըսել թէ Մայրաթոռի մէջ լսուած անուն չէ: Այս առթիւ դիտել կուտանք, թէ Հայրապետ եւ հայրապետութիւն կոչուածը հիներուն սովորութեամբ միայն կաթողիկոս եւ կաթողիկոսութիւն իմաստով գործածուած չէ, այլ վանքերու մէջ, ինչպէս վանական վարդապետները Հայր կը կոչուին, վանահայրն ալ Հայրապետ կը կոչուէր, իբրեւ Հայրերու պետ, եւ համապատասխանող նորագոյն Աբբահայր կոչման: Այսպէս գրուած կը գտնենք. Ի հայրապետութեան տէր Սահակայ առաջնորդին Վարագայ ( ՓԻՐ. 10), կամ Ես Ծերուն աբեղայս, որ ի նարդեան ժամանակիս հէրպետ կոչիմ հռչակաւոր մենաստանիս Սուրբ Վարդանայ ( ՓԻՐ. 45), եւ յաճախ ուրիշ յիշատակարաններու մէջ ալ: Այդ միեւնոյն միջոցին, այսինքն 1491 թուականին կը տեսնենք Յուսիկ մը Գուգարաց Ս. Կարապետ վանքին առաջնորդ, որուն անունը կաթողիկոսին հետ յիշուած է, ի կաթողիկոսութեան Հայոց տէր Սարգսի եւ յեպիսկոպոսութեանն մերոյս տէր Յուսկանն ( ԹՈՐ. Ա. 120), եւ կը կարծենք, թէ ուրիշ տեղ մը նոյն Յուսիկին հայրապետի անուն տրուած ըլլալը, յորդորած է ոմանք ( ԱՐՐ. 230) Յուսիկ կաթողիկոս մըն ալ աւելցնել Սարգիսի բազմաթիւ աթոռակիցներու շարքին, մինչ մենք բաւական փաստ չենք գտներ իրենց կարծիքը ընդգրկելու: Անցողակի աւելցնենք, որ Ալիշան, այդ գիւտին հեղինակը, Յուսիկ Բ. եւ ոչ Յուսիկ Գ. կը կոչէ իր գաղափարած կաթողիկոսը, որով անուղղակի կերպով հերքած կ՚ըլլայ անոնց կարծիքը, որոնք Ներսէս Մեծէ ետքը Յուսիկ Բ. կաթողիկոս մը կը դնեն եւ կը պնդեն, 157), պարզապէս գրչութեան տառերու տարբերութեամբ կազմուած ենթադրութիւն մը:

1520. ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ԱՄԼՈՒԹԻՒՆԸ

Սարգիսի երկարատեւ պաշտօնավարութիւնը, ինչպէս եւ իր անձն ալ իսպառ ամուլ են կարեւոր գործունէութենէ, եւ պատմութիւնը ոչ մի արդիւնաւորութիւն կամ եղելութիւն չի գտներ, որով կարենայ անոր ժամանակը ճոխացնել, եւ պարտաւորեալ պիտի կրկնէ վշտացեալ Երեւանեցիին տխրագին յանգերգը, թէ յայսքան միջոցս գրեթէ սուրբ աթոռս ի վատ անդր ընթանայր օր աւուր եւ յանշքութիւն ( ՋԱՄ. 19): Հազիւ 30 տարիներ անցեր էին այն ոգեւորեալ եւ ոգեւորիչ վայրկեանէն, երբ բազմաթիւ նշանաւոր եւ գիտական անձեր Էջմիածնի մէջ հաւաքուելով աթոռին փոխադրութեան եւ եկեղեցւոյն վերանորոգման կենսական գործերուն կ՚աշխատէին, բայց ահա ոչ անոնք կային այլեւս, եւ ոչ արժանաւոր հետեւորդներ եւ յաջորդներ ունեցած էին, եւ Մայրաթոռոյ կաթողիկոսներուն ապարդիւն պաշտօնավարութեան զուգակշիռ կ՚ընթանար` եկեղեցական դասակարգին ալ անկեալ վիճակը, որ եւ ոչ համառօտ պատմութիւն գրող մը գտնուած է: Չեն երեւար այլեւս Տաթեւի եւ ուրիշ վանքերու բեղմնաւոր աշակերտութիւնները, դիմացնիս չեն ելլեր արդիւնաւոր վարդապետներ, բնաւ յիշատակ չունինք որեւէ գովանի եւ արժէքաւոր հեղինակութեան: Երբ Մեծոփեցին կսկծագին կը յանդիմանէր Հերմոնեցին, Վիրապեցիին դէմը նիւթած դաւաճանութեանը համար, ըսած էր, զդասատունս Հայոց ուղղափառ աստուածաբանութեանն խափանեցէր ( ԿՈՍ. 84), եւ կարծես թէ չարագուշակ կանխատեսութիւն մը ունեցած էր ոգեւորեալ գործիչը, որ արդեամբ կը կատարուէր այդչափ արագ կերպով, մեզ ալ իրաւունք տալով իրեն հետ մեղադրել զանմտութիւն ազգիս մերոյ, եւ սոպռ եւ կոպիտ եւ բիրտ եւ անհնազանդ քահանայական կարգիս, եւ զանզգամութիւն կրօնաւորաց Հայկազն սեռի ( ԿՈՍ. 85): Բայց ողբը թողունք, ու պատմութեան դառնանք: Առջի ժամանակներու իբրեւ վերջին բեկոր մնացած էր Մկրտիչ Նաղաշ վարդապետը, որ Կաֆայի պանդխտութենէն իր եպիսկոպոսական աթոռը, Ամիդ կամ Տիարպէքիր դառնալէն ետքը ( § 1474), 1473-ի ժանտամահին առթիւ զգայուն ողբ մը գրեց իր ծերութեան ատեն, եւ ինքն ալ քիչ ետքը վախճանեցաւ: Յիշենք նաեւ Կիրակոս Երզնկացի վարդապետը, ուսկից մնացած է Ոսկեփորիկ գիրք մը, հաւաքածոյ խրատական գրուածներու եւ ժողովրդական ոտանաւորներու եւ քահանայական հրահանգներու, միջակ եւ աշխարհաբար ոճով: Իրեն կը պատկանի եւս Աստուածածնայ Անձինք կոչուած Արեւելք գերարփին շարականը որ չ՚արդարացներ բնաւ սքանչելի շարական գովեստը, զոր ոմանք կարծած են տալ անոր ( ՉԱՄ. Գ. 509): Եւ կը ստիպուինք այսչափով փակել ժամանակակից նշանաւոր եւ գիտական անձերու վրայ տրուելիք ծանօթութիւնները:

1521. ՍԷՖԻՆԵՐՈՒ ԶՕՐԱՆԱԼԸ

Քաղաքական կացութիւնը նոր կերպարան առաւ այդ միջոցին, վասնզի Աքքօյունլուներու թագաւորութիւնը, Գարաքօյունլուները ընկճելով իր գագաթնակէտը հասնելէն ետքը, յանկարծ դէպի կործանում սկսաւ քալել: Ուզուն Հասանի 1479-ին մեռնելէն ետքը` անոր յաջորդեց Եաղուպ, թէպէտ ոմանք անկէ առաջ Խալիլ մըն ալ կը յիշեն, որ քանի մը ամիս գահը յափշտակեց: Եաղուպ հազիւ մինչեւ 1845 կրցաւ իշխանութիւնը պահել հակառակորդներու հետ մաքառելով, եւ իր դեղակուր սպանութենէ ետքը, բազմաթիւ մրցակիցներ իրարու հետ պատերազմելով եւ իշխանութիւնը իրարմէ յափշտակելով իրենց տէրութեան կործանումը փութացուցին, մինչեւ որ նոր եւ բնիկ Պարսիկ հարստութիւն մը տիրեց դարուս վերջը 1499-ին, այն է Սէֆիներու կամ Սոֆիներու ազգատոհմը: Սէֆի ինքն Արտաւիլի իշխանն էր եւ զօրաւոր ցեղի մը շէյխը, որ Ճիհանշահի երեսէն փախստական Ուզուն Հասանի մօտ ապաւինած եւ անոր քրոջը հետ ամուսնացած էր: Շէյխ Սէֆի Շիրվան գաւառը գրաւել ուզած ատեն պատերազմի մէջ մեռաւ, եւ իրեն յաջորդեց որդին Շէյխ Հայտար, որ Ուզուն Հասանի աղջկան հետ ամուսնացած էր: Միշտ հետամուտ էր իր հայրենական ժառանգութիւնը ձեռք ձգելու եւ հօրը սպաննութեան վրէժը լուծելու, բայց չյաջողեցաւ, եւ ինքն Հայտար եւ իր երէց զաւակները` Ալի եւ Իպրահիմ պատերազմի մէջ մեռան, եւ մնաց միայն մանուկն Իսմայէլ ( ՏՊԷ. 353) զոր Աղթամար կղզին փախուցին եւ հոն աճեցաւ Հայերու խնամատարութեամբ ( ԶԱՔ. Ա. 7), Իսմայէլ որ մօրենական ազգակցութեամբ Աքքօյունլուներէն սերած էր, կրցաւ Պարսիկներէն կուսակիցներ գտնել, որոնք զզուած էին վերջին խռովութիւններէն եւ ձեռնարկեց նոյնիսկ Պարսկաստանի թագաւորութեան հետապնդել: Վերջին թագաւորներէն Ռիւսթէմի դէմ ելաւ եւ սպաննեց զայն 1497-ին, եւ հետզհետէ յաղթեց Ահմէտի, Էլվէնտի եւ Մուրատի, եւ 1499-ին Թաւրիզն ալ գրաւեց, եւ բոլոր Պարսկաստանը նուաճելով 1502-ին, Ասպահանի մէջ Շահնշահ հռչակուեցաւ ( ՏՊԷ. 353), եւ Սոֆիներու կամ Սէֆիներու հարստութեան հիմնադիրն եղաւ, որոնք երկուքուկէս դար յաջորդեցին Պարսիկ գահուն վրայ: Այդ կեպով Էջմիածինն ալ Հայաստանի մեծ մասին հետ Սէֆիներու իշխանութեան ներքեւ մտաւ, որ աւելի նշանաւոր եղաւ բռնակալ տիրապետութեամբ քան շինարար իշխանութեամբ: Երեւանեցին Սարգիսի 16-րդ տարին կը դնէ Շխհէտարի որդի եւ Շխսէֆուն թոռ Շահ Իսմայէլի թագաւորութիւնը, որ կը պատասխանէ Միւսայլ Սարգիսի կաթողիկոսութեան մեր տուած թուականին, այսինքն է 1484-ին ( § 1513), միայն ուղիղ չէ 1491-ին դնել Շահ Իսմայէլի թագաւորութիւնը ( ՋԱՄ. 20), որ ճշդուած հաշուով տեղի ունեցած է 1499-ին ( § ՆՏ. 187): Պարսից թագաւորութեան կրած այդ մեծ փոփոխութիւնը նշանակութիւնն ունեցաւ Հայ ազգին եւ կաթողիկոսութեան համար, եւ նորանոր տագնապներու դուռ բացաւ, միայն թէ ներքին պատերազմները, Պարսկաստանի մէջ շրջափակուեցան, եւ Հայաստանի վրայ չտարածուեցան:

1522. ՍԱՐԳԻՍԻ ՏԵՒՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Առեղծուածական ըլլալու չափ դժուար է Միւսայլ Սարգիսի կաթողիկոսութեան վերջաւորութիւնը ճշդել: Դավրիժեցին, որ ընտրելագոյն աղբիւրն է, 1506-ին Սարգիսի հետ Եղիշէ եւ Ներսէս աթոռակիցները նշանակելէն ետքը, տասնամեայ ոստում մը կ՚ընէ մինչեւ 1515, եւ այս թուականին կը նշանակէ պարզապէս կաթողիկոս տէր Զաքարիա, ոչ վերոյիշեալ աթոռակիցներէն մէկը կրկնելով, եւ ոչ ալ Զաքարիայի նախապէս աթոռակից եղած ըլլալը յիշելով ( ԴԱՎ. 337): Նորերէն իւրաքանչիւր ոք իր միտքի համաձայն ժամանակագրութիւն մը կազմած է, այդ դատարկը լեցնելու եւ շարայարեալ գաւազան մը կազմելու համար, քանի որ յայտնի է որ աթոռի տասնամեայ պարապութիւն տեղի ունեցած չէ, եւ ենթադրելի ալ չէ: Ինչ որ ամէնուն կողմէ հաստատուն բռնուած է, Զաքարիայի 1515-ին կաթողիկոսանալն է. Դավրիժեցիին հետեւողութեամբ, թէպէտ Դավրիժեցին ոչ թէ սկզբնաւորութեան թուականը կու տայ, այլ նոյն թուականին այսպէս յիշատակութիւն մը գտած ըլլալը կը վկայէ, համաձայն իր յայտնի ազդարարութեան ( ԴԱՎ. 334): Դժուարութիւնը աւելցնող պարագայ մըն ալ այն տասնամեայ միջոցին համար մասնաւոր յիշատակարաններու չհանդիպելնիս է, որոնք կրնային մեզի կարեւոր լուսաբանութիւնն ընծայել: Չամչեան շարայարութիւն մը կը կազմէ դնելով 1467 Սարգիս Բ., 1490 Արիստակէս Գ., 1498 Թադէոս Ա., 1503 Եղիշէ Բ., եւ վերջապէս 1515 Զաքարիա Դ. ( ՉԱՄ. Գ. 509): Անոր հետեւած է սովորական ցուցակն ալ ( ԺԱՄ. 635): Իսկ Երեւանեցին կը դնէ 1476 Սարգիս Գ., 1492 Արիստակէս Գ., 1499 Թադէոս Ա., 1504 Եղիշէ Բ., 1506 Ներսէս, եւ վերջապէս 1515 Զաքարիա Գ. ( ՋԱՄ. 20): Ալիշան անուններու խճողում մը կը կազմէ դնելով, 1467 Սարգիս Բ., 1475 Յովհաննէս Ը., 1477 Սարգիս Գ., 1486 Արիստակէս Գ., 1488 Յուսիկ Բ., 1499 Թադէոս Ա., 1504 Եղիշէ Բ., 1505 Յովհաննէս Թ., 1506 Ներսէս Ե., եւ վերջապէս 1515 Զաքարիա Գ ( ԱՐՐ. 230): Վերջերս Զամինեան գրած է 1468 Սարգիս Բ., 1476 Յովհաննէս Է., 1477 Սարգիս Գ., 1506 Եղիշէ Բ., եւ միշտ 1515-ին Զաքարիա Բ. ( ՋԱՄ. Բ. 227 ե. ): Այդ խուռն եւ անյարիր ենթադրութեանց մէջ առաջին գիտելիքնիս այս է, թէ Դավրիժեցիին յայտնի վկայութեամբ 1506-ին աթոռի վրայ կը գտնուի նոյն տէր Սարգիս ( ԴԱՎ. 337), ուստի մինչեւ այդ թուականին եղող բոլոր անունները պէտք է ցուցակի չմտնեն իբրեւ աթոռակիցներ, ինչպէս որ կանուխէն ալ բացատրեցինք, թէ ընդունելի եղողները ( § 1518), եւ թէ մեր տեսութեամբ անընդունելի երեւցածները ( § 1519): Նոյնը կը հաստատուի շատ մը յիշատակարաններէ ալ, որոնք միջանկեալ տարիներու համար Սարգիսը իբր կաթողիկոս կը յիշեն, մինչեւ 1506 մարտ 12 օրն, ուր գրուած է ի հայրապետութեան տեառն կաթողիկոսի տէր Սարգիսի ( ՏԱՇ. 55): Այդ թուականէն յետոյ Սարգիսը յիշող յիշատակարանի չենք հանդիպած, բայց կարենալ գտնուիլը անհաւանական չենք կարծեր, քանի որ Սարգիսի մահուան ալ յիշատակութիւնը չենք գտներ: Նուիրակներու պատմութեան մէջ ( § 1435), ակնարկ մը կայ 1506 տարին, Մի երթայք դուք միաբան, կաթողիկոսն եղեալ վախճան ( ՀԱՅ. 589), որ շատ մութ է, եւ չի բաւեր Սարգիսը մեռած ըսելու նոյն տարին, որ Դավրիժեցին իբր կենդանի կը յիշէ նոյն տէր Սարգիս կաթողիկոսը ( ԴԱՎ. 337): Բայց խնդիր է միշտ 1506-է 1515 տասնամեայն լրացնել: Ենթադրութիւններէն մին է Սարգիսը 1506-ին վախճանած ըսելով, Եղիշէ Բ. , որ երիցագոյն աթոռակիցն է, բուն գահակալ անցընել մինչեւ 1515: Այս դրութիւնը ընդունած է Զամինեան, բայց մենք հիմ մը չենք տեսներ: Երկրորդն է Զաքարիան 1515-էն առաջ բուն գահակալ դարձած ընդունիլ եւ տասնամեային մէջտեղերը որեւիցէ տարի մը` դնել Սարգիսի մահը եւ Զաքարիայի յաջորդելը: Որչափ որ գիտենք տակաւին այդ դրութիւնը մէկէ մը առաջարկուած չէ, այլեւ ամէնքն ալ Զաքարիան անխախտ կը պահեն 1515-ին, եւ խնդրոյ նիւթ եղող տասնամեան կը լրացնեն մասամբ Եղիշէի եւ մասամբ Ներսէսի բուն գահակալութեամբ:

1523. ՏԱՍՆԱՄԵԱՅ ՄԻՋՈՑ

Իսկ մեր կարծիքը եղած է, ոչ Եղիշէի եւ ոչ Ներսէսի բուն գահակալութիւնը ընդունիլ, այն մեծ պատճառով, որ յիշատակարաններու մէջ բնաւ չենք հանդիպիր այս երկու անուններուն իբրեւ բուն կաթողիկոս արձանագրուելուն եւ ցորչափ որեւէ այդպիսի յիշատակութիւն չտեսնանք` կամայական եւ քմահաճոյ կը կարծենք Եղիշէ կամ Ներսէս անունները ցուցակին անցնել, իբրեւ բուն գահակալ կաթողիկոսներ: Ենթադրութիւնները ներեալ կ՚ընդունինք, երբ գոնէ ամենափոքր ակնարկ մը զայն արդարացնէ եւ կամ թէ ժամանակագրական պահանջ մը զայն անհրաժեշտ ցուցնէ: Ներկայ պարագայիս մէջ ոչինչ կարգելու մեզ ենթադրել որ Սարգիսի կեանքը 1506-էն անդին ալ շարունակած ըլլայ, եւ կամ Զաքարիա 1515-էն առաջ բուն գահակալութեան բարձրացած ըլլայ, վասնզի Դավրիժեցիին տուած թուականները, ոչ թէ զնոցին կաթողիկոսացն նստելոյ զառաջին ամն նշանակեն, այլ միայն կը ցուցնեն թէ այն թուովն իշխանութեան վրայ եւ կենդանի կը գտնուէին ( ԴԱՎ. 331): Եւ որովհետեւ ոչ մի նշան չունինք միջանկեալ տասնամեային որոշ մէկ տարւոյն մէջ Սարգիսը մեռած ըսելու, կեղակարծ բան մը ենթադրած չըլլալու համար, մինչեւ 1515 կը յետաձգենք անոր մահը, մինչեւ որ նոր գտնուող յիշատակարաններ եւ նոր յիշատակութիւններ ստոյգը երեւան բերեն, եւ որոշ կերպով հաստատուի 1506-1515 տասնամեային նկատմամբ ընդունելիք իրականութիւնը եւ փարատուի յիշատակութեանց չգտնուելէն յառաջ եկած մթին անստուգութիւնը: Հետեւաբար պիտի չկարենանք աւելի բան մը ըսել Միւսայլ Սարգիսի մահուան նկատմամբ: Միայն դիտել պիտի տանք թէ ժամանակագրական դժուարութեան չենք հանդիպիր ենթադրելով որ 1476-ին աթոռակից եւ 1484-ին գահակալ հռչակուող Սարգիսը, մինչեւ 1515 ապրած ըլլայ, որովհետեւ ութսունամեայ եւ աւելի տարիք ունեցող անձեր յաճախ տեսնուած են Հայաստանեայց կաթողիկոսներու շարքին մէջ:

1524. ՍՍՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՆԵՐ

Սսոյ նորահաստատ կաթողիկոսութեան դէպքերը պատմեցինք մինչեւ Կարապետ Եւդոկիացիին կեանքին վերջը ( § 1489), որուն մահը տեղի ունեցաւ 1477-ին, ըստ նորագոյն հետազօտութեանց ( ՍԻՍ. 539), թէպէեւ երբեմն կը կարծուէր թէ շատ կանուխ վախճանած ըլլայ 1449-ին ( ՍԻՍ. 218): Ըստ այսմ շատ երկար պաշտօնավարութեան միջոց չի մնար, իր երկու յաջորդներուն Ստեփանոս Սարաձորեցիի եւ Յովհաննէս Անտիոքացիի, վասնզի երրորդը Յովհաննէս Թլկուրանցին կաթողիկոսական աթոռ բարձրացած է 1489-ին ( ԹԼԿ. 5): Սարաձոր անունով տեղ մը Կիլիկիոյ մէջ չգտնուելուն, կրնայ մտածուիլ թէ Կարնոյ Սարաձորէն եղած ըլլայ Ստեփանոս, եւ հանդիպմամբ Կիլիկիոյ աթոռին մէջ յառաջացած: Իր կաթողիկոսութիւնը կ՚երկարաձգուի մինչեւ 1488, եւ հազիւ տարւոյ մը կարճատեւ միջոց կը տրուի Յովհաննէս Անտիոքացիին ( ՍԻՍ. 539): Սարաձորեցիին վերագրուած է Էջմիածնի կաթողիկոսութիւնը խափանելու գաղափար մըն ալ, սակայն իբրեւ ժամանակ կը ցուցուի 1449 տարին ( ՉԱՄ. Գ. 491), երբ ուղղուած հաշուով Կարապետ էր կաթողիկոսը, նոյնիսկ իր առաջին տարիներու մէջ: Ուստի հաւանականագոյն կ՚երեւի Սարաձորեցիէն հեռացնել այսպիսի միտում մը, եւ Կարապետի վերագրել ոչ միայն Սիսի մէջ կաթողիկոսութիւն հաստատելու, այլ նոյնիսկ Էջմիածինը խափանելով նորէն Սիսը Ամենայն Հայոց աթոռ հռչակելու ջանքը: Ստոյգ կերպով Սարաձորեցիին ժամանակը կ՚իյնայ Սիսին Օսմանեան կայսերութեան ձեռք անցնիլը: Մէհէմմէտ Բ. Ֆաթիհի 1481-ին յաջորդած էր Պայազիտ Բ. Վէլի, որ հօրը աշխարհակալութիւնները շատ աւելի ընդարձակեց թէ Եւրոպակողման մէջ Պոսնիոյ եւ Մոլտաւիոյ վրայ, եւ թէ Ասիակողմը Գարամանցոց եւ Եգիպտացոց վրայ: Գարամանցիները նուաճեց 1486-ին եւ 1487-ին Եգիպտացիներէն քաղաքներ եւ բերդեր խլեց, բայց իսպառ չկրցաւ նուաճել: Սիսի աթոռին եւ Գարամանի ու Կիլիկիոյ գաւառներուն Օսմանեանց ներքեւ նուաճուելովը, տակաւ կը շատնար Օսմանեան հպատակ հայութեան թիւը, եւ Հայեր եւս քանզեւս կը կապուէին Օսմանեան շահերու հետ, քանի որ սուլտաններն ալ իբրեւ իրենց օգտակար եւ իրենց հաւատարիմ տարր մը կը նկատէին Հայերը: Ստոյգ ալ, երբ շատ աւելի աղետալի էր Հայերուն կացութիւնը Քրդական եւ Պարսկական տիրապետութեանց ներքեւ, Հայեր շատ հաճելի կը տեսնէին Օսմանեան կայսերութեան ներքեւ քրիստոնէից համար կազմուած դիրքը, եւ Հայերուն ցուցուած յատուկ մտադրութիւնը, եւ այս պատճառով արեւելեան գաւառներէն շարունակեալ գաղթականութիւն մը կը յորդէր դէպ արեւմտեան գաւառներ, եւ հետզհետէ կը բազմանար Օսմանեան հայաբնակութիւնը, եւ կը զօրանար Կոստանդնուպոլսոյ Հայ պատրիարքութեան դիրքը:

1525. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹԼԿՈՒՐԱՆՑԻ

Սսոյ կաթողիկոս Յովհաննէս Թլկուրանցիին վրայ խօսիլ ուզելով, պէտք է նախ դիտենք թէ բոլորովին տարօրինակ եւ անսովոր դէմք մըն է նա հայրապետական աթոռի վրայ: Իր կաթողիկոսական գործունէութենէն շատ բան չենք գիտեր, եւ կը հետեւցնենք թէ շատ բան ալ ըրած չէ, թէպէտեւ մինչեւ 1525, ամբողջ 36 տարի կաթողիկոսութիւն վարած է: Բայց ուր եկեղեցական գործունէութեամբ աննշան կը մնայ, նշանաւոր անձ մը կը ներկայանայ իբր եկեղեցական երգերու յօրինող մը` Շնորհալիի կամ Նարեկացիի նմանողութեամբ, այլ կատարելապէս աշխարհային երգիչ մը, որ մարմնական սէրը, կնոջ գեղեցկութիւնը, աշխարհի զուարճութիւնները եւ կերուխումի վայելքները կը փառաբանէ զգայուն շեշտերով եւ եռանդուն ոգեւորութեամբ, եւ Խեւ Յովհաննէս Թուլկուրանցի անունով կը փակէ իր տողերը ( ԹԼԿ. 31. 33): Ոչ միայն տաճկերէն բառեր կը գործածէ յաճախ, այլ եւ ամբողջ տաճկերէն երգեր ալ գրած է ( ԹԼԿ. 24): Սակայն այդ սիրահարական տողերու հետ ունի կատարեալ հոգեւորական երգեր ալ, որոնք հարկաւ կեանքին վերջին մասին մէջ գրուած են, ինչպէս անոնցմէ մէկուն մէջ կ՚ըսէ իրեն համար, թէ եօթանասուն տարի լցեր ( ԹԼԿ. 48): Նկատողութեան արժանի է, որ նոյնիսկ աշխարհային տողերու հետ հոգեւորական զգացումներ խառնուած են: Ուստի մեզի ալ հաւանական կ՚երեւի Կոստանեանցի կարծիքը, որ Թուլկուրանցիին համար` Դու Սուրբ Կարապետի ճորտն ու ծառան ես ըսելէն ( ԹԼԿ. 39) կը հետեւցնէ, թէ նա ալ մէկն եղած է անոնցմէ, որ Մշոյ Ս. Կարապետի ուխտաւորութեամբ եւ եօթնամեայ պահեցողութեամբ աշուղ կամ ըմբիշ կամ լարախաղաց կը դառնային ( ԹԼԿ. 7): Պիտի աւելցնենք եւս, թէ երիտասարդութիւնը սիրոյ եւ զուարճութեան նուիրելէ ետքը յանկարծական դէպքի մը առջեւ փոփոխուած եւ եկեղեցւոյ նուիրուած պիտի ըլլայ: Եւ իրեն բնական աշխուժութեամբը` եկեղեցականութեան մէջ ալ աշխատասէր եւ գրաւիչ գործունէութիւն ցուցնելով հետզհետէ բարձրացած եւ մինչեւ կաթողիկոսութիւն հասած կ՚երեւի: Այլ թէ Կիլիկիոյ աթոռը ինչ օգուտ քաղեց աշուղ կաթողիկոսէն, կամ թէ Թլկուրանցին ինչ արդիւնքներ ընձեռեց Հայ եկեղեցւոյն, ինչպէս ըսինք, մեզի անծանօթ կը մնան, եւ չգոյութեան կասկածներ կը թելադրեն:

1526. ԱՂԹԱՄԱՐԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՆԵՐ

Աղթամարի աթոռին վրայ խօսած ատեննիս յիշեցինք Ստեփանոսի կաթողիկոսանալը 1464-ին ( § 1497), Էջմիածին արշաւելը 1467-ին, եւ ետ դառնալը 1468-ին, ( § 1501), եւ աթոռի վրայ գտնուիլը 1477-ին, երբ Աջը Օծոպեցիին ձեռքով Էջմիածին դարձաւ ( § 1511): Յիշատակարաններ իր օրով կը դնեն Առտէրի եկեղեցւոյն շինութիւնը 1472-ին, եւ անոր անունը կը յիշուի մինչեւ 1487 (00. ԲԻԶ. 1196), եւ այդ միջոցներուն իրեն յաջորդած է միեւնոյն Գուրջիբէգեանց ազգատոհմէն իր եղբայրն Ներսէս զոր մենք չուզեցինք Էջմիածնի աթոռակից Ներսէսի հետ շփոթել, հակառակ ոմանց կարծիքին ( § 1518): Ներսէս կարճատեւ պաշտօնավարութիւն ունեցած է, նոյնպէս անոր յաջորդող Զաքարիան ալ, որ բոլոր Աղթամարայ կաթողիկոսներուն նման յարմատոյ եւ ի ցեղէն մեծ թագաւորին Գագկայ եղած կ՚ըսուին: Աղթամարցի յիշատակագիր մը որ 1495-ին կը գրէ, յանցեալ ամին այսինքն 1494-ին կը դնէ Զաքարիայի մահը, եւ կաթողիկոս կը ճանչնայ Ստեփանոս մը ( ԹՈՐ. Բ. 447), որ 1495-ին ալ յիշուած է ( ԹՈՐ. Բ. 276), բայց 1496-ին տէր Ատոմ ( ԹՈՐ. Բ. 426) կամ տէր Ադամ (00. ԲԻԶ. 1197) է Աղթամարի կաթողիկոսը: Այս թուականէն մինչեւ 1542, որ է ըսել 46 տարիներու միջոց մը, անստոյգ են կաթողիկոսներու շարքն ալ, աթոռին կացութիւնն ալ: Հաւաքարանը այդ միջոցին համար, նախ կը յիշէ Գրիգոր մը, որ 1509-է մինչ 1534 պաշտօնավարած կ՚ըսուի, եւ իրեն յաջորդ կը նշանակուին Եղիազար եւ Պաղտասար եւ Ղազար, առանց կարենալու չարայարեալ յաջորդութիւննին հաստատել, եւ թերեւս պատահական պարապութիւններ ալ տեղի ունեցած են այդ միջոցին: Այդ պարագաները կը հաւաստեն Աղթամարի շրջանակին մէջ ալ տիրող անկումը, ուր չկային այլեւս յաջորդներ այն քիչ ու շատ ուսումնական անձերու, որոնք այդ յիսնամեայ միջոցին սկիզբները կապրէին, ինչպէս են Յովհաննէս արքեպիսկոպոս գրոց աշակերտ, տէր Գրիգոր Աթաբէգեանց աստուածաբան եւ հռետոր, տէր Մկրտիչ րաբունապետ, եւ տէր Թումա Մինասեանց փիլիսոփայ (00. ԲԻԶ. 1196): Այդ անկումին իբր պատճառ կրնանք նկատել, դարուն վրայ տիրող տխուր ազդեցութիւնը, բայց յատկապէս ալ Աղթամարի կողմերը ասպարէզ էին Աքքօյունլուներու եւ Գարաքօյունլուներու անդադար պատերազմներուն, եւ վերջին Շահ Իսմայէլի ռազմական ձեռնարկներուն: Անոր Աղթամարի մէջ գտած ապաստարանը ( § 1521), կ՚երեւի թէ ոչ մի երախտագիտական զգացում չի յուզեց նոր աշխարհակալին սիրտին մէջ: Երուսաղէմի եւ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքական աթոռներուն մէջ նշանաւոր եղելութիւններ չեն յիշուիր, եւ առաջիկային կը թողունք անոնց մասին խօսիլ:

1527. ՀԱՅ ՏՊԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Պէտք չէ անյիշատակ թողուլ նշանաւոր դիպուած մը, որ այս միջոցին կը պատկանի, ինչպէս է առաջին անգամ կատարուած հայերէն տպագրութիւնը: Տպագրութեան գիւտը տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ Մոգունտիա (Mainz) քաղաքը 1455-ին, Յովհաննէս Գուտընբերգ (Gutenberg) համեստ աշխատաւորի մը ձեռքով, եւ այդ թուականէն 57 տարի ետքը, 1512-ին հայերէն Պարզատումար մը հրատարակուեցաւ, ոչ եւս գրչագիր, այլ առաջին տպագիր գիրք մը, ըլլայ իսկ ոչ շարժական տառերով, այլ միակտուր կաղապարով տպագրուած: Վասն զի հաստատատիպներ եւ պատկերներ ալ տպագրութենէ օտար չեն, թէպէտեւ միակտուր փորագրութեան ենթադրութիւնը հիմնաբար կը հերքուի տպագրեալ Պարզատումարին բուն օրինակը զննողներէն: Առաջին տպուած գիրքին յաջորդեցին Պատարագատետր, Ուրբաթագիրք, Տաղարան եւ Աղթարք ( ԼԷՕ. 14), որոնց հետ Սաղմոս մըն ալ (06. ԱՄՍ. 325): Անոնցմէ ոմանք 1513 թուական կը կրեն, եւ ոմանք առանց յիշատակարանի են ( ՏԻՊ. 37): Այդ կենսական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ հայաբնակ երկրէ հեռու եւ հայազգի գործունէութեան սահմաններէն դուրս, Իտալիոյ Վենետիկ քաղաքը, որ այն ատեն կրնար համարուիլ բոլոր աշխարհի մէջ ամէնէն յառաջացեալ եւ զարգացեալ քաղաքը, թէ առեւտրական ճարտարութեան եւ թէ ուսումնական լուսաւորութեան տեսակէտէն: Չունինք ստոյգ տեղեկութիւն մը, թէ որչափ եւ որպիսի մասնակցութիւն ունեցան Հայեր այդ կենսական ձեռնարկին մէջ, կամ թէ լոկ իտալական շահագործումի արդիւնք եղաւ Հայերուն համար դիւրագնոյ գիրք պատրաստելը: Անծանօթ եւ Մեղապարտ Յակոբի մը անունը միայն կայ 1513-ի տպագրութեանց մէջ, ( ԼԷՕ. 15), իբր գրող յիշուած, բայց ոչ ով ըլլալը, եւ ոչ ալ տպագրութեան տէրն կամ բարերարն ըլլալը գիտենք: Ժամանակին հոգեւորական իշխանութիւններէն ոչ Էջմիածին, ոչ Սիս, եւ ոչ Կոստանդնուպոլիս չեն յիշուիր, որ գոնէ ազգային շարժումի մը հետքը տեսնայինք այդ ձեռնարկին մէջ: Տպագրեալ Տաղարանը կը պարունակէ բաւական թուով Յովհաննէս Թլկուրանցիի երգերը ( § 1525), բայց չենք գիտեր թէ ինչչափ գործակցութիւն ունեցաւ Թլկուրանցին իր կաթողիկոսութեան 24-րդ տարին լոյս ընծայուած գիրքին համար ( ԼԷՕ. 22), բայց միշտ բախտաւոր եղած է իր կենդանութեան իսկ իր երգերը տպագրուած տեսնելով: Ամէն առթի մէջ Հայ միտքի զարգացման նպաստաւոր փաստ մըն է արեւելքի ազգերուն մէջէն յառաջընթաց գտնուիլը, ըլլայ իսկ որ օտարազգիներ նախաձեռնարկ եղած ըլլան, վասնզի ամէն առթի մէջ Հայ տարրին մէջ պէտք էր սպառուէին Հայ տառերով մամուլին ներքեւէն անցնող գիրքերը: Քաղցր է ինձ յիշել, որ այս տողերը խմբագրած ժամուս, 1912 յունուար 17-30 - ճիշդ 400 տարիներ - կը լրանան այդ նշանաւոր նորութենէն, եւ Հայ տպագրութեան չորրորդ դարադարձը բոլոր Հայերուն զգացումները կը յուզէ: Ուրիշ ժամանակակից նորութիւն մըն ալ Նոր Աշխարհի գիւտն է, զոր Քրիստափոր Կոլոմբոս (Cristoforo Colombo) Գենուացին գտաւ 1492 հոկտեմբեր 12-ին, բայց Ամերիկոս Վեսբուչի (Amerigo Vespucci) Փլորենտիացին տուաւ անոր իր անունը, շուրջ 1500-ին ըրած ուղեւորութեամբը եւ հրատարակած տեղեկագրութեամբը: Այն ժամանակ եւ քանի դարեր ալ ետքը` Հայոց համար նշանակութիւն չունեցաւ Ամերիկան, սակայն ներկայ ժամանակիս այն ալ Հայ գաղթականութեան նշանաւոր հանգրուան մը եղաւ:

1528. ՄՈՒՐԱՏ ՎԱՆԵՑԻ

Ժամանակակից դէպքերուն կարգին միշտ ուրոյն տեղ մը սովորութիւն ըրինք տալ հաւատոյ նահատակներուն, որոնք ընդհանուր անկումի ժամանակիս մէջ` ուժգին ոգեւորութեան եւ հոգեկան զօրութեան արտայայտիչներ են եւ ազգային հոգին կը բարձրացնեն: Մուրատ Վանեցի, որոյ անունը հայերէն Պարգեւ է ըսուած, Վանայ իշխան Սիւլէյմանէ ուրացութեան կը հրաւիրուի, իր հօրը տաճկացած ըլլալուն համար, սակայն իր դիմադրելուն եւ քրիստոնէութիւնը փառաբանելուն վրայ` սրով կը վիրաւորուի, եւ աքացի ու բռնցի հարուածուելով քաղաքէն դուրս կը քաշկռտուի եւ քարկոծմամբ կը նահատակուի, իսկ մարմինը կը թաղուի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ առջեւը: Նահատակութեան օրը գրուած է 934 մարգաց 13, որ կը պատասխանէ 1485 սեպտեմբեր 26-ին, բայց Յայսմաւուրքը հաստատուն տոմարով կը դնէ յունիս 19-ին, իսկ ուրիշ օրինակ մը մարտ 30-ին ( ՆՈՐ. 321):

1529. ՄԻՐԱՔ ԹԱՒՐԻԶԵՑԻ

Միրաք Թաւրիզեցի` Թաւրիզ մայրաքաղաքի հայաբնակութեան աւագը, Եաղուպի արքունիքին մէջ ազդեցութիւն վայելող եւ մեծ հարստութեան տէր, մեծամեծ բարերարութիւններ կը կատարէր, բազմաթիւ գերիներ գնելով կ՚ազատէր, եւ դրամի զօրութեամբ եկեղեցիներու շինութեան եւ քրիստոնէից պաշտպանութեան շնորհներ կը ստանար, այնպէս որ Տաճիկներու մեծամեծները նախանձոտ թշնամութիւն մը ունէին Միրաքի դէմ: Ասոնց մէջէն Մէհտի անունով մէկ մը, որ Եաղուպէ թոյլտուութիւն ունէր, որ զամենայն զոր ինչ եւ արասցէ, կամք իւր եղիցի, իր ընկերներով կը խորհրդակցէր շարունակ Միրաքը մէջտեղէն վերցնելու, եւ վերջնական որոշման կը յանգին 1486 մարտ 22-ին: Միւս օր, որ աւագ հինգշաբթի էր, Միրաք ըստ օրինի խոստովանած եւ հաղորդուած էր, երբ ուրբաթի կէսօրին Մէհտի իր փառաւորութեամբ Միրաքի կու գայ, խօսքէ խօսք անցնելով ուրացութիւն կ՚առաջարկէ, Միրաքի մերժելուն կը զայրանայ, եւ իբր թէ Միրաք իրենց օրէնքը հայհոյած ըլլայ, նոյն տեղ կը զարնէ ու կը մեռցնէ, եւ գլուխը կտրելով յաղթանակաւ մինչեւ թագաւորական պալատ կը տանի: Տաճիկ բազմութիւնը կը խուժէ քանդել Հայոց եկեղեցին, զոր Միրաք շինել տուած էր: Հայեր Եաղուպի կը դիմեն որ Միրաքի սպանութեանը վրայ ցաւելով, տաճիկ բազմութիւնը ցրուել կու տայ եւ Մէհտին դատելով կը հրամայէ սպաննել: Միրաքի մարմինը պատուով կը թաղուի, մինչ Մէհտիինը բացին կը նետուի, ինչ որ Տաճիկները կը վշտացնէ, եւ Ղասում կամ Քասըմ մեծ դատաւորը գլուխ կը կանգնի, անոր փառաւոր թաղում տալու: Բայց Եաղուպ այդ ձեռնարկն ալ իրեն անարգանք նկատելով, Քասըմն ալ մեռցնել կու տայ, եւ գլխաւոր գործակիցներն ալ ձաղանքի ենթարկելէ ետքը սպաննել կու տայ: Այդ դէպքէն քիչ ետքն է Եաղուպի ալ գեղակուր սպանութիւնը ( § 1521): Միրաքի սպանութիւնը տեղի ունեցած է 1486 մարտ 24 աւագ ուրբաթի խորհրդաւոր օրուան ցերեկը, եւ թաղումը յաջորդ առտուն` աւագ շաբաթ օրը ( ՆՈՐ. 328):

1530. ԱՍՏՈՒԱԾԱՏՈՒՐ ԿԱՖԱՑԻ

Աստուածատուր կամ Բուղտան Կաֆացի, մի բարի յոյժ զարմանալի երիտասարդ եւ հօրն մին որդին, Կաֆայի այլազգիներուն աչքին զարկած էր, որ կ՚ուզէին զայն իրենց կամքին հնազանդեցնել: Ուստի սուտ զրպարտութեամբ դատաւորին մատնեցին, թէ Բուղտան յիշոցք եհան, եւ չարաչար տանջելէ ետքը թող տուին, իբրեւ թէ իրեն մտածելու ատեն թողած ըլլան: Քիչ օր ետքը նորէն առին հօրը տունէն, եւ հարուածներով եւ եղէգներով ու կրակով տանջելէ ետքը, կրկին հօրը տունը բերին, եւ ողորմելի ծեր ծնողքն դառն լացուցին: Երրորդ անգամ իբրեւ թէ Աստուածատուր հաւանած ըլլայ, թլփատման գործողութիւն պատրաստուեցաւ, այլ նահատակին ուժգին բողոքելուն վրայ, մահուան վճիռը առին դատաւորէն եւ խսիրի փաթթելով ի հուր ընկեցին: Նահատակութեան թուականը ըսուած է 1488 ապրիլ ( ՆՈՐ. 331), բայց ամսաթիւը չէ յիշուած եւ ոչ ալ տօնական պատշաճը: Մերձաւոր է ժամանակով Սուլթանշահի որդի Թորոս Հռոմկլայեցիի նահատակութիւնը 1494 օգոստոս 1-ին, սակայն պարագաները չեն պատմուած ( ՉԱՄ. Գ. 515):

1531. ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ԽԱՅԻԿՑԻ

Միեւնոյն 1494 տարին հանդիպեցաւ Շնորհաւոր կնոջ նահատակութիւնը ( ԶԱՔ. Բ. 125), որ Շնորֆօր ալ գրուած է ( ՅԱՅ. 148): Ամուսնացեալ կին մըն էր, արդէն այրիացեալ, յերկրէն Մարաց ( ԶԱՔ. Բ. 125), եւ կը բնակէր Բաբերդի վերին Խայիկ գիւղը ( ՆՈՐ. 333), ուր Քուրդ մը ետեւէն ինկած էր զայն իրեն շահիլ եւ պառնկիլ ընդ նմա: Շնորհաւորի դիմադարձութիւնները շարունակեցին, մինչեւ որ անգամ մը քուրդը կնոջ ի գործ իւր գացած միջոցին` կ՚ուզէ զայն բռնադատել, եւ եդեալ զձեռս առ օձիսն նորա, քարշէր առ ինքն, որուն վրայ Շնորհաւորի եղբայրը` քրոջը պաշտպանութեան հասնելով Քուրդը կը սպաննէ եւ կը փախչի: Շնորհաւոր կը բռնուի, եւ Բաբերդի ամիրային առջեւ կը հանուի, ուր սպանութիւնը իր վրան առնելով, կ՚ըսէ թէ Քուրդը չարութիւն կամէր առնել ( ԶԱՔ. Բ. 126): Ասոր վրայ ուրացութեան կը հրաւիրուի իբր ազատութեան պայման, եւ յանձն չառնելուն վրայ սրախողխող կտրատեցին Շնորհաւորը եւ նահատակեցին: Մահը տեղի ունեցած է 1494-ին, եւ յիշատակը Յայսմաւուրքի մէջ գրուած է հոկտեմբեր 31-ին ( ՅԱՅ. 149), որ նոյն տարի կը հանդիպէր Գիւտխաչի ուրբաթին:

1532. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԵՒ ԱՒԵՏԻՔ

Յովհաննէս Դրախտիկցի աբեղային նահատակութիւնն ալ յիշուած է յիշատակարանի մը մէջ 1500-ին ( ՍԻՍ. 76), այլ պարագաները պատմուած չեն: Սոյն միջոցին նահատակուած է Աւետիք Ղրիմեցի աբեղան ալ, որ գովուած է իբրեւ փիլիսոփայ, քաղցրաձայն, գրագիր եւ պատկերահան ( ՆՈՐ. 347): Սպանութիւնը կատարած են Թաթար խանի զինուորները, ի վերայ ճանապարհին Ս. Նշանի վանիցն ( ՆՈՐ. 346), որ է Կաֆայի մօտ` Խրիմու Ս. Խաչ վանքը, իսկ մանրամասնութիւնք կը պակսին Յովհաննէս Սեբաստացիի տաղին մէջ: Թուական պիտի ընդունուի 1509 դեկտեմբեր 11, երեքշաբթի օր ( ՆՈՐ. 349), Ս. Յակոբայ պահոց շաբթուն: