Տ.
ՄԻՔԱՅԷԼ
Ա.
ՍԵԲԱՍՏԱՑԻ
1566.
ԶԱՆԱԶԱՆ
ԱԹՈՌԱԿԻՑՆԵՐ
Միքայէլի
գահակալ
կաթողիկոսութիւնը
պատմելու
սկսած
ատեննիս,
չենք
պարտաւորուիր
իբրեւ
նոր
անձ
մը
զայն
ներկայել,
զի
արդէն
բաւական
ընդարձակ
կերպով
անոր
գործունէութիւնը
տեսանք
ու
պատմեցինք:
Դավրիժեցին
1567-ին
կը
դնէ
Միքայէլը
իբր
առաջին
եւ
բուն
գահակալ
(
ԴԱՎ.
338),
եւ
Կամենիցի
յիշատակարանը
մինչեւ
1566
կը
հասցնէ
Սալմաստեցիի
կաթողիկոսութիւնը
(
ԲԺՇ.
143),
եւ
մենք
բանաւոր
կը
սեպենք
1566-ի
վերջերը
դնել
Սալմաստեցիին
մահը
եւ
Սեբաստացիին
գահակալութիւնը:
Երբոր
Միքայէլ
գահակալութեան
կ՚անցնեէր,
իրեն
աթոռակից
կը
գտնուէին
երկու
Վաղարշապատցիներ`
Բարսեղ
Գ.
եւ
Գրիգոր
ԺԲ
(
§
1554):
Սակայն
ասոնցմէ
առաջինը
կը
վախճանէր
1567
տարւոյն
մէջ
(
ԹՈՐ.
Բ.
256),
եւ
անշուշտ
անոր
փոխանակելու
համար
է,
որ
նոր
աթոռակից
մը
կ՚անուանուի,
Ստեփանոս
Զ.
Առնջեցի:
Թէպէտ
Դավրիժեցին
1567
տարւոյն
ներքեւ
չորսին
անունն
ալ
միանգամայն
կու
տայ,
եւ
միասին
կը
յիշէ
Միքայէլ
Ա.,
Բարսէղ
Գ.,
Գրիգոր
ԺԲ.,
եւ
Ստեփանոս
Զ.
կաթողիկոսները
(
ԴԱՎ.
338),
սակայն
կը
կարծենք
թէ
նոյն
թուականին
ներքեւ
չորսին
ալ
գտնուած
ըլլալը
կ՚ուզէ
իմացնել,
եւ
ոչ
չորսին
ալ
միատեղ:
Ինչպէս
ուրիշ
շատ
կաթողիկոսներուն,
նոյնպէս
Առնջեցիին
ալ
նախընթացին
վրայ
բան
մը
պիտի
չի
կարենանք
պատմել,
եւ
ոչ
ալ
իր
գործունէութեան
մասին
բան
մը
գիտենք,
եւ
կ՚երեւի
թէ
երկարակեաց
ալ
եղած
չէ,
վասնզի
երբոր
Գրիգոր
ԺԲ.
գահակալութեան
կ՚անցնի
այլեւս
Ստեփանոս
Զ.
-ի
անունը
չի
տրուիր,
եւ
ամենայն
վստահութեամբ
կը
հետեւցնենք
Միքայէլի
կենդանութեան
անոր
վախճանած
ըլլալը,
առանց
կարենալու
ժամանակը
ճշդել:
Միքայէլի
կաթողիկոսութեան
տեւողութիւնն
ալ
վստահագոյն
կերպով
Դավրիժեցիէն
կը
քաղենք,
որ
միայն
1576-ին
Գրիգոր
ԺԲ.
-ը
իբր
գահակալ
գլուխ
կ՚անցնէ
(
ԴԱՎ.
338),
եւ
հետեւաբար
մինչեւ
այն
տարի
ապրած
կ՚ըլլայ
Միքայէլ,
21
տարի
աթոռակցութեամբ
եւ
10
տարի
գահակալութեամբ
երկարատեւ
եւ
ոչ
ապարդիւն
կաթողիկոսութիւն
վարելով:
Չամչեան,
որ
աթոռակցութեամբ
մէկտեղ
Միքայէլի
22
տարի
պաշտօնավարութիւն
կու
տայ,
յայտնի
աղբիւր
եւ
զօրաւոր
փաստ
մը
չունի,
եւ
երբ
իբր
Միքայէլի
յաջորդներ`
Գրիգոր
ԺԲ.
-ի
4,
եւ
Ստեփանոս
Զ.
-ի
2,
եւ
Թադէոս
Բ.
-ի
9
տարի
կը
վերագրէ
(
ՉԱՄ.
Գ.
525),
յայտնապէս
կը
հակառակի
Դավրիժեցիին,
որ
մինչեւ
1593
կենդանի
կ՚ենթադրէ
Գրիգոր
ԺԲ.
-ը
(
ԴԱՎ.
338),
ինչ
որ
յիշատակարաններով
ալ
կը
հաստատուի:
Երեւանեցիին
շարակարգութիւնն
ալ
շփոթ
է
երբոր
կը
գրէ,
զկնի
տէր
Միքայէլի,
տէր
Բարսեղ,
տէր
Գրիգոր,
եւ
տէր
Ստեփանոս,
միեւնոյն
1567
թուականին
ներքեւ
(
ՋԱՄ.
20),
զի
Բարսեղ
եւ
Ստեփանոս
զկնի
տէր
Միքայէլի
կենդանի
չէին:
Սովորական
ցուցակն
ալ
աւելի
յաջող
չէ,
երբոր
իբր
իրարու
յաջորդներ
կը
նշանակէ
1547
Միքայէլ
Ա.,
1557
Բարսեղ
Գ.,
1563
Գրիգոր
ԺԲ.,
1573
Ստեփանոս
Զ.,
1575
Թադէոս
Բ.,
1584
Առաքել
Ա
(
ԺԱՄ.
637):
Գահակալներու
գաւազանը
միայն
Ստեփանոս
Ե.,
Միքայէլ
Ա.
եւ
Գրիգոր
ԺԲ.
կաթողիկոսները
պէտք
է
պահէ
շարքին
մէջ,
քանի
որ
մնացեալներ
իբր
լոկ
աթոռակիցներ`
չեն
կրնար
կաթողիկոսութեան
յաջորդական
գաւազանին
անցնիլ:
1567.
ԶԱՆԱԶԱՆ
ԴԷՊՔԵՐ
Սալմաստեցիին
մահուան
թուականին
զուգընթաց
եղաւ
սուլտան
Սիւլէյմանի
մահը,
1566
սեպտեմբեր
6-ին,
Ծիկէթի
պաշարման
ատեն,
Հունգարիոյ
մէջ,
եւ
24-ին
սուլտան
Սէլիմ
Բ.,
Սիւլէյմանի
որդին,
իր
գահակալութեան
հանդէսը
կը
կատարէր
Կոստանդնուպոլսոյ
մէջ:
Պարսից
շահը
Թահմազ
կը
փութար
դեսպանութեամբ
Կոստանդնուպոլիս
յղել
Երեւանի
կուսակալ
Շահքուլի
սուլտանը,
առատ
եւ
թանկագին
ընծաներով,
եւ
երկու
տէրութեանց
մէջ
հաշտութեան
դաշինք
կը
նորոգուէր
(
ԺՈՒ.
156),
որով
խաղաղութեամբ
կ՚անցնէր
Միքայէլի
գահակալ
կաթողիկոսութեան
տասնամեայն,
քանի
որ
Օսմանեանց
եւ
Պարսից
պատերազմները
անագան
նորոգուեցան
1578-ին,
Միքայէլի
մահուընէ
ետքը:
Յիշատակարաններու
եւ
ծանօթութեանց
նուազութիւնը
կը
ստիպէ
մեզ
լռութեամբ
անցնել
բովանդակ
տասնամեայն,
թէպէտ
Միքայէլի
եռանդն
ու
կարողութիւնը
կը
յորդորեն
մեզ
հաւատալ,
թէ
նա
բոլորովին
անգործ
ու
ապարդիւն
անցուցած
չէ
իր
կաթողիկոսութիւնը:
Հնար
չէ
նաեւ
ենթադրել
որ
խզուած
ըլլան
Միքայէլի
եւ
իր
յղած
պատգամաւոր
Աբգարի
յարաբերութիւնները,
թէպէտ
այդ
մասին
ալ
ստոյգ
տեղեկութիւններ
կը
պակսին:
Աբգար
1565-ին
Վենետիկ
անցած
էր,
ինչպէս
յիշեցինք
(
§
1561),
ուր
1253-էն
ի
վեր
Հայերու
յատուկ
տուն
կամ
հիւրանոց
մը
կը
գտնուէր
(
ՎԵՆ.
144),
Հայ
վերակացուի
եւ
Հայ
եպիսկոպոսի
հսկողութեան
ներքեւ,
որոնցմէ
1561-ին
կը
յիշուի
Նիկողայոս
(
ՎԵՆ.
336),
իսկ
Աբգարի
եկած
տարին
կը
գտնուէր
Մելքիսեդեկ
եպիսկոպոս
(
ՅԻՇ.
263):
Աբգար
ժամանակ
մըն
ալ
այնտեղ
մնաց,
վախնալով
Թուրքիա
դառնալ,
որովհետեւ
այնտեղ
լսուած
էր
իր
Եւրոպա
երթալուն
բուն
նպատակը
(
§
1561):
Աբգարի
որդին
կը
գրէ
թէ
հայրը
ի
տարակուսանս
էր,
եւ
իբրեւ
ինքզինքը
արդարացնելու
միջոց
հնարեցաւ
եւ
արար
զպասման
գրոց
(
ՅԻՇ.
258),
որպէսզի
զայն
ցուցնէ
իբրեւ
իր
ուղեւորութեան
բուն
նպատակը:
Պատմեցինք
թէ
զանց
ըրաւ
Միքայէլը
անձամբ
Հռոմ
տանելու
համար
ստացած
յանձնարարութիւնը,
եւ
իր
ուղեկից
լատին
եպիսկոպոսը
ճամբայ
հանեց,
որուն
մահուամբը
գործը
անհետեւանք
մնաց
(
§
1561):
Մենք
կը
կասկածինք
թէ
մի
գուցէ
Աբգարի
վախն
ալ
ճարտար
դարձուածք
մը
ըլլայ
կաթողիկոսին
Հռոմ
գալը
խափանելու
համար,
զի
Պիոս
Ե.
-ի
անձը
հիմնապէս
կը
փոփոխէր
Աբգարի
տեսութիւնները:
Տրիտենդեան
ժողովը
նոր
փակուած
էր
1563-ին,
18
տարի
տեւելէն
ետքը,
եւ
Պիոս
Ե.,
նախկին
մեծ
հաւատաքննիչը,
ամենայն
զօրութեամբ
անոր
կանոններուն
գործադրութեան
ձեռնարկած
էր,
եւ
Վենետիկի
հանրապետութիւնն
ալ
կատարելապէս
հպատակած
էր
նոյն
կանոններուն:
Այդ
խստութեան
հետեւանքն
էր
անողոքելի
ուղղութիւն
մը,
որուն
դժուարաւ
պիտի
հնազանդէր
Աբգարի
միտքը,
եւ
հաւանաբար
չէ
ուզած
կաթողիկոսը
վտանգաւոր
դիրքի
մէջ
դնել:
Ինքն
Աբգար
անձամբ
ալ
կրեց
այդ
դրութեան
նեղութիւնը,
չկարենալով
ազատօրէն
հրատարակութեան
տալ
Հայոց
ծիսական
գիրքերը,
որոնց
մէջ
դիտողութեան
տեղի
կը
գտնէին
թէ
Հռոմի
եւ
թէ
Վենետիկի
գրաքննիչները:
Միայն
Սաղմոսը
կրցաւ
տպագրել,
եւ
իր
տպագրական
կազմածները
լրացնելով
Վենետիկի
մէջ,
գոյքերը
հաւաքեց
եւ
Կոստանդնուպոլիս
եկաւ,
իբր
յարմարագոյն
կեդրոն
տպագրական
ձեռնարկին,
պետական
շրջանակներու
առջեւ
ալ
զինքն
արդարացնելով,
թէ
վասն
այս
պատճառիս
գնացեալ
եմ
ի
Ֆռանգստան
(
ՅԻՇ.
258):
Անստոյգ
զրոյց
մը
կայ
թէ
Կոստանդնուպոլսոյ
մէջ
նախ
ձերբակալուած,
բայց
տպագրական
կազմածովը
արդարանալով
ազատ
թողուած
ըլլայ,
եւ
անկէ
ետքը
իր
տպագարական
գործարանը
հաստատած
ընդ
հովանեաւ
Ս.
Նիկողայոս
եկեղեցւոյն
Հայոց
(
ՅԻՇ.
261),
այսինքն
է
Վլանկայի
Ս.
Նիկողայոս
եկեղեցւոյն
բակը
կամ
մօտը
(11
ԱՄՍ.
472):
1568.
ԱԲԳԱՐԻ
ՎԵՐՋԸ
Որոշակի
նշանակուած
չենք
գտներ
թէ
Աբգար
ինչչափ
ատեն
Վենետիկ
մնաց
եւ
երբ
Կոստանդնուպոլիս
հասաւ:
Գիտենք
թէ
1568-ին
տպագրած
է
տօնացոյցը,
տաղարանը,
ժամագիրքը
եւ
պատարագամատոյցը
(
ՅԻՇ.
262),
բայց
Մաղաքիա
Ճէվահիրճեան
դպիր
1567-էն
պատրաստ
կը
յիշէ
Աբգարի
տպարանը,
ուր
եղեւ
ըստամփայ,
այսինքն
պասմագիր,
եւ
տպեցաւ
փոքր
քերականութիւն
տղայոց
(
ՅԻՇ.
261):
Աբգար
դպիրին
արհեստագործութեան
իբր
ընկերակից
կը
յիշուի
իւր
թագազարմ
Անտոնիոս
Սուլթան
սարկաւագին
անունը
(
ՅԻՇ.
262),
բայց
պէտք
չէ
որդին
ալ
Կոստանդնուպոլիս
եկած
կարծել,
վասն
զի
ինքն
իրեն
համար
կը
վկայէ,
թէ
հօրը
մեռնելէն
ետքը
աստ
ի
Հռոմ
սնայ
ի
դպրատանս
առ
ձեռամբ
հզօր
կարդինալաց
(
ՅԻՇ.
258):
Նկատի
առնելով
Աբգարին
կրած
առաջին
դժուարութիւնները
եւ
տպարան
հաստատելու
պայմանները,
գոնէ
1566-ին
Աբգարը
Վենետիկէ
մեկնած
պէտք
է
ըսենք:
Երեք
տարիի
չափ
տեւած
կ՚ըլլայ
Աբգարի
Կոստանդնուպոլսոյ
մէջ
ունեցած
գործունէութիւնը,
ուսկից
յետոյ
1569-ին
կ՚երթայ
Էջմիածին
Միքայէլ
կաթողիկոսի
մօտ
(
ՅԻՇ.
262),
որուն
կարգադրութեամբ
մեկնած
էր
Սեբաստիայէ
7
տարի
առաջ
(
§
1557):
Որովհետեւ
տպագրական
արդիւնաւորութիւնը
Կոստանդնուպոլսոյ
մէջ
կը
դադարի,
օրէն
էր
հետեւցնել
թէ
Աբգար
իր
տպարանին
կազմածներովը
փոխադրուած
ըլլայ
Էջմիածին,
սակայն
ոչ
մի
յիշատակ
եւ
ոչ
մի
արդիւնք
չունինք
այդ
միջոցին
մէջ
Էջմիածինի
մէջ
տպարան
մը
գտնուած
ըլլալուն,
որով
չենք
համարձակիր
այդ
տեսութեան
վրայ
պնդել,
թէպէտ
առանց
անոր
ալ
դժուար
կ՚ըլլայ
մեկնել
Էջմիածին
երթալուն
նպատակը:
Միւս
կողմէն
բացարձակ
պարտք
մըն
ալ
էր
Աբգարի
իր
գործունէութեան
արգասիքը
ներկայել
եւ
յանձնել
անոր,
որ
այդ
նպատակին
հովանաւորն
ու
կարգադրողն
եղած
էր:
Պատմական
յիշատակներու,
նոյնիսկ
թեթեւ
ակնարկներու
պակասութեան
մէջ,
չկարենալով
որոշակի
բան
մը
ըսել,
ենթադրական
վիճակի
մէջ
կը
թողունք
Աբգարի
Էջմիածին
անցնելուն
եւ
Միքայէլի
վերջին
օրերուն
արդիւնքները:
Սակայն
այն
քիչն
ալ
որ
երկուքին
վրայ
գիտենք,
բաւական
են
գովութեամբ
եւ
օրհնութեամբ
յիշատակել
անոնց
անունները,
եւ
զիրենք
նկատել
իբր
առաջին
գործիչներ
տպագրական
արուեստին
Հայոց
մէջ
տարածուելուն,
քանի
որ
1512-ին
տպագրութիւնները
Հայ
գործունէութենէ
դուրս
եւ
Հայ
յարաբերութիւններէ
անկախ
երեւոյթներ
եղան
(
§
1527):
Եւ
ասով
կը
փակենք
Միքայէլ
Սեբաստացիի
կաթողիկոսութեան
ժամանակը: