Ազգապատում. հատոր Բ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ԴԱՒԻԹ Դ. ՎԱՂԱՐՇԱՊԱՏԵՑԻ

1581. ՄԷԼՔԻՍԵԴԵԿ ԱԹՈՌԱԿԻՑ

Դաւիթի նախընթացէն բաւական բան արդէն ըսած կը գտնուինք, թէ բնիկ էր Էջմիածնի գիւղէն, որ է Վաղարշապատ ( ԴԱՎ. 2) թէ Գրիգորէ աթոռակից ընտրուած էր 1584-ին ( § 1575), եւ թէ Առաքելի մահուանէ ետքը աթոռին վարչութիւնը ձեռք առած էր ( § 1580), մինչ անկէ առաջ իբր փակակալ կամ լուսարարապետ միայն եկեղեցւոյն հոգածութիւնը կը կատարէր ( § 1575): Գահակալութեան անցնելն ալ պարագաներու մերձեցուցմամբ հաւանական ցուցուցինք 1590-ին դնել ( § 1580), Դաւիթ Վաղարշապատեցին մենք Դաւիթ Դ. ըսինք, թէպէտ սովորաբար Դաւիթ Ե. գրուած է ( ԺԱՄ. 437), որովհետեւ իր կարգին ցուցուցինք թէ Դաւիթ Դ. կարծուածը Ամենայն Հայոց կաթողիկոս մը չէ, այլ Աղթամարի կաթողիկոսն է ( § 1375): Գրիգորի վերջին ժամանակները, երբ կաթողիկոսարանի վարիչներն էին Առաքել եւ Դաւիթ աթոռակիցներ, հետզհետէ ծանրացած եւ դառնացած էր Հայաստանի վիճակը, մանաւանդ Պարսիկներէ նոր առնուած գաւառներու մէջ ( § 1570), որոնց վրայ հինգ Օսմանցի կուսակալներ նշանակուած էին, Թաւրիզ, Երեւան, Գանձակ, Շամախի, եւ Դարբանդ քաղաքներու մէջ, իսկ Վրաստան հարկատու ազգային իշխաններու ձեռք էր ( ԴԱՎ. 1), որոնք երբեմն թագաւոր ալ կը կոչուէին: Ամէնէն աւելի անտանելի դարձած էր այդ գաւառներուն վրայ դրուած հարկը, որ ուղղակի Մայրաթոռին վրայ ալ կը ծանրանար, եւ վճարումը անհնարին էր եղած տիրող կարօտութեան երեսէն, այնպէս որ կաթողիկոսը կրցածը վճարելէն ետքը, կը պարտաւորուէր խոյս տալ, հալածական լինէր եւ թաքչէր ի պահանջողաց, եւ հալածական եւ գաղտագողի կենօք ատեն կ՚անցնէր ( ԴԱՎ. 2): Իբր կացութեան դարման կը մտածէ Դաւիթ իրեն աթոռակից մը առնել, որ դրամ ճարելու օգնէ, եւ այս աստիճանին կը բարձրացնէ Մելքիսեդեկ Գառնեցի եպիսկոպոսը, այր փառասէր, եւ հետեւող նախագահ իշխանութեան, որ կ՚աշխատէր կողմնակիցներ ալ ճարելով աթոռակցութիւնը ձեռք ձգել ( ԴԱՎ. 21): Դաւիթ այսպէս թէ այնպէս կամայ թէ յոչ կամաց Մելքիսեդեկը օրհնեց 1593-ին ( ԴԱՎ. 338), սակայն սպասած դիւրութիւնը չի գտաւ, վասնզի եղեն երկու կաթողիկոսք եւ երկու մսխողք, եւ թէ այս եւ թէ հարկապահանջութեան պատճառներով պարտքերը աճեցան մինչեւ յիսուն հազար ղուռուշ ( ԴԱՎ. 3): Սակայն ղուռուշը այժմեան արժէքով իմանալու չէ, վասնզի այն ատեն իտալական կրօսսօ դրամին արժէքն ունէր, որ այժմեան ղուռուշին քսանեւհինգապատիկն էր: Կացութեան չբարւոքելուն պատճառով Դաւիթ եւ Մելքիսեդեկ ալ հաւասարապէս ի փախստեան եւ ի թաքստեան կային, եւ շարունակ տեղ կը փոխէին, այն ալ գիշերայն, չտեսնուելու համար ( ԴԱՎ. 3): Իբրեւ նպաստ ճարելու միջոց, գուցէ եւ կայսերական շնորհ ստանալու յոյսով, Մելքիսեդեկ անձամբ Կոստանդնուպոլիս գնաց, Տիրատուր Սսեցիի պատրիարքութեան օրով, շուրջ 1598-ին, եւ լաւ ընդունելութիւն ալ գտաւ, այնպէս որ ազգային մեծամեծներ հրապուրուեցան Տիրատուրը հեռացնել, եւ զինքն պատրիարք անուանել 1599-ին ( § 1579), բայց Մելքիսեդեկ իր նպատակին չկրցաւ օգտակար ըլլալ: Կոստանդնուպոլսեցիք կ՚ուզէին իրմով օգտուիլ, ընդհակառակն Մելքիսեդեկ անոնցմէ օգտուելու կ՚աշխատէր, ուստի շուտով յարգը կորսնցուց, եւ տարին չլրացած իսկ 1600-ին, պատրիարքութենէ հանուեցաւ, եւ պարտաւորուեցաւ Էջմիածին դառնալ, առանց Մայրաթոռին կացութեան դիւրութիւն մը ընծայած ըլլալու:

1582. ԱՒԵՏԻՍ ԱԹՈՌԱԿԻՑ

Այստեղ ոմանք երրորդ կաթողիկոս մըն ալ կը յիշեն Աւետիս անունով, առանց ցուցնելու թէ ո՞վ էր եւ ուստի՞ եւ ե՞րբ կաթողիկոսութեան բարձրացաւ ( § 11 ԱՄՍ. 5): Այս անունը անգամ մը հարեւանցի կը յիշէ Զաքարիա Քանաքեռցի ( ԶԱՔ. Ա. 50), եւ անոր յիշատակութիւնը կ՚ընէ Գրիգոր Դարանաղեցին ալ ( § 11 ԱՄՍ. 69), սակայն Դավրիժեցին, որ իրեն շատ մօտ ժամանակի պատմութիւնը մանրամասնօրէն կը գրէ, Աւետիս անունով կաթողիկոս մը չի ճանչնար, եւ միշտ երկու կաթողիկոսք ( ԴԱՎ. 3), երկոքին կաթողիկոսքն ( ԴԱՎ. 4), կաթողիկոսացն երկոցունց ( ԴԱՎ. 6), կաթողիկոսքն երկոքին ( ԴԱՎ. 8), կը գրէ Դաւիթի եւ Մելքիսեդեկի անունները տալով, եւ մենք Դավրիժեցիին վկայութեանը վրայ հիմնուելով, այդ միջոցին Դաւիթի մօտ երկրորդ աթոռակից մը չենք աւելցներ, ուրիշ առիթի թողլով Աւետիսի խնդիրը:

1583. ՇԱՀԱԲԱՍԻ ԸՆԹԱՑՔԸ

Շահաբաս Պարսից թագաւոր, որ Օսմանեանց հետ 1590-ի հաշտութիւնը կնքեց ծանր պայմաններով, բայց իր տէրութիւնը զօրացնելու դիտմամբ ( § 1570) իրօք ալ խղճի մտօք այդ նպատակին հետեւեցաւ, եւ հետզհետէ վերակազմեց Պարսկաստանի անկեալ վիճակը: Իր ձեռք առած միջոցներուն մէջ նշանաւոր էր` քրիստոնէից եւ յատկապէս Հայոց հանդէպ ցուցած բարեացակամութիւնը, որով ամէն տեսակ պաշտպանութիւն առատացուց անոնց, կրկին նպատակներով: Մէկը անոնց առեւտրական եւ արհեստագիտական յաջողակութիւններով իր երկիրը ճոխացնել եւ զօրացնել, եւ միւսը Հայերուն սիրտը իրեն կողմը շահելով` Օսմանեանց դէմ կատարելիք ձեռնարկին համար ազդեցիկ օգնականներ շահիլ: Այս ընթացքին արդիւնքն եղաւ, որ իշխանք եւ կողմնակալք, մահմետականք եւ քրիստոնեայք, հետզհետէ սկսան գաղթել Պարսից թագաւորութեան կողմը, զի թերեւս նովաւ դիւրութիւն գտցեն զերծեալք ի ծառայութենէն Օսմանցւոց ( ԴԱՎ. 8): Պատմիչը Մահմետականներէն յանուանէ կը յիշէ, Ղազի խան եւ Հայաթ բէկ Ուլամայօղլի Քուրդ ցեղապետները, որոնք Շահաբասի կողմը անցան, իսկ Վրացի իշխանազուններէն շատեր, Սիմոն խանի բանտարկութենէն եւ սպանութենէն ետքը Պարսկաստան ապաւինեցան: Պարսկաստան գաղթող Հայազգի իշխանազուններէն կը յիշուին Սարուխան բէկ եւ եղբայրը Նազար բէկ Ոսկանապատ գիւղէն, Օղլան քէշիշ եւ եղբայրը Ղուլու բէկ Հաթերք գիւղէն, Ջալալ բէկ եւ եղբօրորդիները Խաչէն գաւառէն, Սուջում մելիք Դիզակ աւանէն, Փաշիկ մելիք Քօչիչ գիւղէն, Բաբէն մելիք Բրիտիս գիւղէն, Մելիքսէթ եպիսկոպոս Մելիքզատէ գիւղէն, եւ Հայկազն մելիք Խանածաղ գիւղէն: Դիզակի գաւառէն` չորս գիւղեր միահաղոյն եւ Ագուլիս կամ Գողթն գաւառէն Դաշտ գիւղի ժողովուրդէն երեք մասն ալ խմբովին գաղթեցին, եւ Շահաբաս բոլոր եկողները սիրով կ՚ընդունէր եւ կը բնակեցնէր Ասպահան ( ԴԱՎ. 9), որ իր մայրաքաղաքն էր ըրած, եւ կ՚ուզէր շէնցնել: Այսպէս հետզհետէ կը զօրանար պարսկասէր կողմը, եւ Դաւիթ ու Մելքիսեդեկ կաթողիկոսներն ալ սկսած էին Շահաբասի սիրելի ըլլալու ձեւեր գործածել, վասն զի կը նախատեսէին թէ Շահն հաւաստեաւ գալոց է յաշխարհն Հայոց ( ԴԱՎ. 10):

1584. ՍՐԱՊԻՈՆ ԱԹՈՌԱԿԻՑ

Իսկ Շահաբասի գալէն սպասուած ակնկալութեան իրականալուն ժամանակը անորոշ էր, եւ պէտք էր դրամի եւ հարկի ստիպողական պէտքին հանդէպ անմիջական դարման մը հոգալ: Գահակալ ու աթոռակից երկու կաթողիկոսներ կը մտածեն նոր աթոռակից մը աւելցնել, որ թէ գործունէութեամբ եւ թէ դրամական կարողութեամբ կարենայ զօրաւոր օգնական մը ըլլալ: Այսպիսի մէկ մը ամէնուն կողմէ վկայուած էր Սրապիոն Ուռհայեցի մեծ վարդապետը, Ամիդի կամ Տիարպէքիրի եպիսկոպոս: Ինքն մեծահարուստ հոր ժառանգ ըլլալով ալ` եկեղեցական կոչման նուիրուած էր, եւ աշակերտած Ղուկաս Կեղեցի վարդապետին ( § 1564), որ էր գլուխ ամենայն վարդապետաց ժամանակին, եւ անկէ ընդունած էր վարդապետական գաւազանը 1586 փետրուար 20-ին եւ յետոյ Տիարպէքիրի առաջնորդ եղած, եւ ինքն ալ նոր աշակերտութիւն բացած, եւ նշանաւոր վարդապետներ հասուցած: Այսպէս եղան, Գրիգոր Կեսարացի, Բարսեղ Ամդեցի, Յովհաննէս Ուռհայեցի, Արիստակէս Տարոնեցի, Յովսէփ Հզուեցի, Յովհաննէս Քաջբերունի եւ Մովսէս Տաթեւացի: Ուսումնական զարգացման հետ, ազդեցիկ դիրք մըն ալ շահած էր Սրապիոն նոյնիսկ Հոռոմոց եւ Ասորւոց եւ Մահմետականաց առջեւ, եւ ոչ տկարանայր առ նա գործ` զոր ինչ եւ կամէր կենցաղական ( ԴԱՎ. 5): Դաւիթի եւ Մէլքիսեդեկի համար ընտրութիւնը դժուար չեղաւ, եւ իրենց գրութեամբ Սրապիոնը կաթողիկոսութեան հրաւիրեցին, խոստանալով անոր ձեռքը յանձնել ամէն գործերը, եւ մեք, կ՚ըսեն մեզէն մերովք կամօք ի բաց կամք ի կաթողիկոսութենէ եւ ի տիրողութենէ, բայց այս խօսքերով ոչ թէ իրենց աստիճանէն, այլ միայն գործերը վարելու նախաձեռնութենէ կը հրաժարէին: Սրապիոն հաւանեցաւ, բայց ոչ թէ յաղագս կաթողիկոսութեան եւ փառաց, կ՚ըսէ Դավրիժեցին, այլ վասն փրկութեան լուսասփիւռ աթոռոյն, եւ հասաւ Ջուղայ, ուր եկան զինքն դիմաւորել երկու կաթողիկոսներն, Մանուէլ Հաւուցթառի, Մանուէլ Խորվիրապի եւ Աստուածատուր Գեղարդի եպիսկոպոսներով, եւ քանի մը ազգականներով: Այնտեղ բանակցութեան կը մտնեն, Սրապիոն չի խնայեր սուղ ինչ եպերական բանս, որուն երկու կաթողիկոսները, եւ որք կաթողիկոսականքն էին, ոչ հաճեցան, Հաւուցթառեցին աղմուկ շփոթի էարկ, եւ խանգարեաց զսպել եւ զլսել, վերջապէս երկպառակութիւն եւ խռովութիւն տիրեց, եւ Դաւիթ ու Մելքիսեդեկ բանակցութիւնը խզելով Տաթեւի վանքը մեկնեցան: Սրապիոն Ջուղայի մէջ մնաց, եւ Ջուղայեցիք անոր խօսքերուն եւ կարողութեան զմայլելով` ջանացին առաջին խորհուրդը լրացնել, եւ իրենց միտքին հաճեցուցին զամենայն ժողովուրդ երկրին, եւ Էջմիածինի մէջ Սիւնհոդոս մեծ կազմեցին, եւ Սրապիոնը կաթողիկոս օծել տուին մեծախումբ հանդիսիւ 1603 օգոստոս 14-ին ( ԴԱՎ. 7): Վերափոխման կիրակի օրը, եւ ոչ Հոգեգալստեան օրը (11. ԱՄՍ. 5), որ յունիս 12-ին կ՚իյնար: Այս առթիւ մակագրեցին զանուն նորա Գրիգոր ( ԴԱՎ. 7), եւ ըստ այսմ եղաւ նա Գրիգոր ԺԳ. Սրապիոն, աթոռակից կաթողիկոս, զի գահակալութիւնը միշտ Դաւիթին կը մնար ցորչափ չէր հրաժարած:

1585. ՇԱՀԱԲԱՍ ԵՒ ՍՐԱՊԻՈՆ

Դաւիթի եւ Մէլքիսեդեկի խորհուրդը կատարուած էր, բայց ոչ ինչպէս իրենք մտադրած էին: Սրապիոն տիրացած էր Էջմիածինի, մինչ իրենք Տաթեւ քաշուած կը մնային, եւ սկսան վախնալ զի մի' ի կաթողիկոսութենէն զրկիցին: Որպէսզի մնասցէ կաթողիկոսութիւնն ի ձեռս իւրեանց ( ԴԱՎ. 8), մտածեցին իրենք առաջին Շահաբասին դիմել, եւ անոր ձեռքով թէ' դիրքերնին պահել, եւ թէ Օսմանցոց հանդէպ ունեցած պարտքերնէն ազատիլ: Մելքիսեդեկ իրեն հետ առնելով Հաւուցթառի եւ Գեղարդի եպիսկոպոսները փութաց Ասպահան իջնել, իսկ Դաւիթ Խորվիրապի եպիսկոպոսին հետ Հայաստան մնաց: Շահաբաս պատուով ընդունեցաւ եկողները, խօսեցաւ եւ խօսեցուց, զամենայն խորհուրդս սրտից նոցա յինքն գողացաւ, եւ զամենայն որպիսութիւն աշխարհաց նոցա` եւ զելեւմուտ զաշխարհակալ արանց իմացաւ ( ԴԱՎ. 10), եւ անմիջապէս արշաւանքի ձեռնարկեց: Մեծ յաղթութիւն մը տարաւ Օսմանցոց վրայ, որոնց հրամանատարն է Ալի փաշա, Թաւրիզի կուսակալը, եւ պատերազմին սկսելէն 20 օր ետքը քաղաքը մտաւ, անկէ Նախիջեւան քալեց, ուր Օսմանցիք չհեռացած աւարառութեան ձեռնարկած էին, եւ դիւրաւ գրաւեց: Ջուղայի Հայերը` իրենք Շահաբասը դիմաւորեցին եւ քաղաքը յանձնեցին եւ Շահաբասը խօջայ Խաչիկին տունը պատուասիրեցին ( ԴԱՎ. 16): Վերջապէս 1603 նոյեմբեր 16-ին Շահաբասի բանակը երեւցաւ Երեւանի հանդէպ, ուր Օսմանեանք ամրացած էին իբրեւ իրենց ապաստանի դղեակը ( ԺՈՒ. 184): Պարսից յաջողութիւնները Կոստանդնուպոլսոյ արքունիքը վրդովեցին, սուլտան Մէհէմմէտ Գ. որ 1595 յունուար 16-ին հօրը Մուրատ Գ-ի յաջորդած էր, գոյժէն քիչ օր ետքը մեռաւ 1603 դեկտեմբեր 22-ին, եւ Ահմէտ Ա. գահակալեց 14 տարեկան եղած ատեն: Երեւան անձնատուր եղաւ վեց ( ԺՈՒ. 188), կամ ութն ( ԴԱՎ. 23) ամիս խիստ պաշարման դիմանալէ ետքը, որ է ըսել 1604-ին կէսէն ետքը: Միեւնոյն միջոցին Կարսն ալ ինկաւ Պարսիկներու ձեռք, այլ Ախըլցխա դէմ դրաւ, երբ միւս կողմէն Օսմանեանք Էրզրումի մէջ նոր բանակ կը գումարէին ( ԺՈՒ. 189): Էջմիածինի պահանջատէրերը Երեւանի պաշարումէն առաջ, սկսած էին Սրապիոնը նեղել Էջմիածինի հին պարտքերը գանձելու համար, զորս Սրապիոն չէր ուզեր ճանչնալ, բայց պարտաւորուեցաւ ոմանց յոլով եւ ոմանց սակաւ տալ, եւ այնպէս զերծաւ ի ձեռաց նոցա ( ԴԱՎ. 14): Իսկ Երեւանի առումէն ետքը Սրապիոն ալ իբր կաթողիկոս, ընծայիւք երեւցաւ Շահաբասի առջեւ, բայց շահն անտես արար զնա, վասնզի կանուխէն Մելքիսեդեկին հետ համաձայնած էր զայն իբր կաթողիկոս ճանչնալ, քանի որ զայն իբր շահիսէվան, այսինքն իբր իր կողմնակից ընդունած էր: Ասոր վրայ Սրապիոն խոհեմութիւն սեպեց հեռանալ, եւ յԵրեւանայ գնաց ի Ջուղայ, որպէսզի անկէ ալ Տիարպէքիր դառնայ ի տեղի իւր ( ԴԱՒ. 18):

1586. ՍՐԱՊԻՈՆԻ ՎԱԽՃԱՆԸ

Դաւիթ եւ Մելքիսեդեկ Շահաբասի կողմն անցնելով եւ Պարսից տիրապետութեան օժանդակելով, կը կարծէին ոչ միայն իրենց կաթողիկոսութիւնը ապահովել, այլեւ Օսմանեանց հեռանալովը անոնց ունեցած պարտքերէն ազատել, բայց այդպէս չեղաւ: Հազիւ թէ Շահաբաս Երեւանի մէջ հաստատուեցաւ եւ Օսմանեանց գրաւած գաւառները ետ առաւ, անոնց պահանջներուն ալ տէր դարձաւ, եւ երկու կաթողիկոսները ստիպեց որպէսզի անվճար մնացած տուրքերը վճարեն: Այս բանակցութեանց մէջ Սրապիոնի անունը տրուեցաւ իբր կաթողիկոսակից եւ պարտքին ալ մասնակից ( ԴԱՎ. 19): Գլխաւորապէս Մելքիսեդեկն էր, որ առաջ արհամարհեաց զՍրապիոն` Շահաբասի դիմելով ( ԴԱՎ. 151), եւ այս անգամ ալ ուզեց այս կերպով զօրաւոր մրցակիցէ մը ազատիլ: Շահաբասի հրամանով թագաւորական հարկապահանջները կաթողիկոսական պատուիրակին հետ իսկոյն ճամբայ ելան Սրապիոնի ետեւէն, Ջուղայի մէջ ըմբռնեցին զնա, եւ արարին ի կալանս, եւ պահանջէին ի նմանէ գանձս յոլովս: Թէեւ Սրապիոն մաս մը բան վճարեց, սակայն հարկապահանջները չգոհացան, եւ աւելին գանձելու համար արկին զՍրապիոն ի վտանգս չարչարանաց հարուածոց եւ գանից, մինչեւ իսկ ի հրապարակի կախեալ յոտից բրածեծ առնէին զնա ուժգին աւուրս յոլովս ( ԴԱՎ. 19): Սրապիոն ստիպուեցաւ բազում գանձս փոխ առեալ վճարել, որպէսզի հարկապահանջները գոհացնէ, եւ այսպէս ձեռքերնէն ազատելով, Ջուղայէ մեկնեցաւ ու եկաւ Վան, եւ Վանէ Տիարպէքիր ( ԴԱՎ. 20), ուր նորէն իբր առաջնորդ ընդունուեցաւ, ինչպէս կը տեսնուի 1605-ին այնտեղ գրուած յիշատակարանի մը մէջ, ի տիրապետութեան մերոյ նահանգիս տէր Սրապիոն վարդապետին, որ եւ շնորհիւ Տեառն` Գրիգոր կաթողիկոս Սուրբ Էջմիածնայ ( ԹՈՐ. Բ. 435): Սակայն թէ տարիքը առած էր, եւ թէ փորձանքներէ տկարացած էր, որով Տիարպէքիր դառնալէն տարի մը ետքը վախճանեցաւ 1606 ապրիլ 23-ին ( ԴԱՎ. 20), Երեւման խաչին ուրբաթ օրը, եւ նոյն տեղ թաղուեցաւ հասարակաց գերեզմանատան մէջ, ուր տակաւին կը տեսնուի իր համեստ շիրիմը պարզ տապանագիրով մը: Սրապիոնի կաթողիկոսութիւնը երազի պէս անցած բան մը եղաւ, եւ ոչ ալ կանոնաւոր գործունէութիւն մը ունեցաւ: Դաւիթէ եւ Մելքիսեդեկէ հրաւիրուելով եւ չհամաձայնելով, Ջուղայեցիներու ստիպմամբ ձեռնադրուեցաւ 1603-ին վերջերը, գործի չի ձեռնարկած պատերազմի տագնապներուն ենթարկուեցաւ, իր ունեւորութեան համբաւին երեսէն վտանգուեցաւ, եւ հասնելէն տարի մը ետքը մազապուր ազատուելով իր տեղը դարձաւ, եւ քիչ ետքը մեռաւ: Իբրեւ անհատական ձիրքերով նշանաւոր անձ մը, պատուաւոր յիշատակ մը թողած է Սրապիոնի անունը, թէպէտ իբր կաթողիկոս ոչ մի նշանակութիւն ունեցած չէ: Եւ ոչ ալ իբր հակաթոռ նկատուած է, թէպէտեւ վերջին պահուն Դաւիթ եւ Մելքիսեդեկ ետ կեցած ըլլան իրենց առաջարկէն, ուստի իբր օրինաւոր աթոռակից կը պահենք իր անունը, Գրիգոր ԺԳ. Սրապիոն կոչմամբ:

1587. ԲՌՆԻ ԳԱՂՈՒԹԸ

Սրապիոնի վրայ գործածուած խստութիւնը` Դաւիթն ու Մելքիսեդեկը ստիպեց պահանջուած վճարումներուն գոհացում տալ, միւս կողմէն Շահաբաս ալ իրենց վրայ շատ չծանրացաւ, քանի որ իր նոր աշխարհակալութեանց դիւրութիւններ ընծայած էին: Բայց երկու կաթողիկոսներ չի կրցան հանգստութիւն վայելել, եւ միշտ անորոշ վիճակ եւ թափառական կեանք ունէին: Այդ միջոցին կրնանք պատշաճեցնել Աւետիս Ա. կաթողիկոսի մը երեւումը, թերեւս առանց երկուքներուն կամքին եղած, այլ Սրապիոնի հեռանալէն ետքը, իբր անոր յաջորդ նշանակուած ժողովրդական նախաձեռնութեամբ, ինչպէս եղած էր Սրապիոնի ալ օծումը ( § 1584): Այդ միտքը յայտնապէս կը թելադրուի, Աւետիսի համար Դարանաղեցիին գրածէն, թէ էր անկարգութեամբ եւ հակառակ կաթողիկոս (11. ԱՄՍ. 69), որ ուղղակի հակաթոռ մը ըսել կ՚ըլլայ. սակայն քանի որ ժողովուրդէն պաշտպանուած էր, ամենայն վարդապետք եւ իմաստունք յեպիսկոպոսաց եւ ի քահանայից եւ ի ժողովրդոց զնա պատուով ունէին, մանաւանդ որ միւս երկուքը սիրուած չէին, եւ անհամք էին որպէս զաղք անպիտանք (11. ԱՄՍ. 69): Այդ հակաթոռութեան ձեւն է անշուշտ պատճառը, որ Դավրիժեցին երբեք Աւետիսի անունը չէ յիշած: Նոյն միջոցին Շահաբաս լուր առաւ թէ Օսմանեանց սպարապետ Ջղալօղլի Սինան փաշա Կարնոյ մէջ ահագին բանակ մը կը պատրաստէ իրեն վրայ քալելու համար ( § 1583), եւ որովհետեւ ինքն անոր դիմադրելու պատրաստ ոյժ չունէր, պատերազմէ խոյս տալու եղանակը որոշեց, եւ միանգամայն թշնամիին ոյժը կոտրելու համար, ուզեց երկիրը անմարդացնել եւ անապատ դարձնել, որպէսզի յարձակող բանակը պարէն ու դարման չգտնայ եւ չկարենայ յառաջել ( ԴԱՎ. 26): Այդ խորհուրդները կ՚ըլլային 1604 տարւոյ աշունի սկիզբները, յետ տօնի սրբոյ Խաչին ( ԴԱՎ. 27), եւ վերահաս ձմեռն ալ աւելի զգալի պիտի ըներ Շահաբասի մտածած հնարքը: Առաջին անգամ իր միտքը յայտնեց Աքճաքալէ եղած ատեն, որ է հին Երուանդակերտը ( ԴԱՎ. 26), իրեն մօտ հրաւիրելով տեղւոյն մեծամեծները, որոնց գլուխը կը գտնուէր Յովհաննէս քահանայ, Աղա Տէրտէր կոչուած: Անոնք ձմեռը պատճառելով գործադրութիւնը գարունին թողուլ առաջարկեցին, բայց արդէն ձմեռուան պարագան Շահաբասի մտածմունքին հիմնակէտն էր: Ամիրգունա խան, Երեւանի պարսիկ կուսակալը, գլուխ նշանակուեցաւ նոր ձեռնարկին, եւ Պարսկական Հայաստանի զանազան գաւառներու համար յատուկ զօրապետներ նշանակուեցան աշխարհակործան խորհուրդը գործադրելու: Հրաման տրուեցաւ քաղաքներու եւ գիւղերու բոլոր բնակիչները ճամբայ հանել դէպի Արարատի դաշտը, անկէ միահաղոյն Պարսկաստան անցնելու համար, դիմադրողները սրով եւ մահուամբ եւ գերութեամբ բռնադատել, զամենայն շէնս, զտունս եւ զբնակութիւնս այրել, զհամբարս խոտոյ եւ զյարդի, զցորենոյ եւ զգարւոյ եւ զայլ պիտոյից կրակով ոչնչացնել: Հաւաքուած բազմութիւնը խռնուեցաւ Արարատի դաշտը, եւ ահագին կարավան մը կազմեց, լայնքէն Գառնիի լեռներէն մինչեւ Երասխի գետեզերքը, իսկ երկայնքէն աւուր միոյ ճանապարհ, բայց հինգ աւուր ալ ըսող եղեր է ( ԴԱՎ. 28): Պարսիկ բանակը իր առջեւէն բռնի կը քալեցնէր գաղթական բազմութիւնը, մինչ իր ետեւէն կու գար Օսմանեան բանակը, այսպէս երեք բանակներ իրարու ետեւէ կը քալէին, աքսորական Հայեր, խոյս տուող Պարսիկներ, ու հալածող Թուրքեր: Նաւասարդի ամիսն էր, որ քշեցին զերկիրն, եւ նաւասարդը սկսած էր 1604 հոկտեմբեր 21-ին, որով նոյեմբերի եւ դեկտեմբերի ձմեռնային ցուրտին ներքեւ կը կատարուէր անօրինակ գաղթականութիւնը: Բնական էր որ անպակաս ըլլային ընդդիմութիւններ, որոնց հետեւանքը կ՚ըլլային նոր տանջանքներ, զոմանս մահու հարուածով գանելով, եւ զոմանց զունչս եւ զականջս հատանելով. եւ մինչեւ իսկ Վաղարշապատցի Յովհանջանի, Առաքել կաթողիկոսի եղբօր, եւ ուրիշ գլխաւորի մըն ալ զգլուխն կտրեցին, եւ ի ձող ցցեցին ի յահ եւ յերկիւղ ժողովրդեանն ( ԴԱՎ. 29):

1588. ԳԱՂՈՒԹԻՆ ԶԵՏԵՂՈՒԻԼԸ

Տագնապը եւսքանզեւս մեծցաւ, երբոր կարգը Երասխը անցնելու եկաւ: Հայեր ու Պարսիկներ հասած էին Ջուղայ, երբ Թուրքեր ալ Նախիջեւան հասան: Պարսիկներ սկսան վախնալ թէ մի գուցէ Թուրքեր վրանին գան, զիրենք վտանգեն եւ գերիները ազատեն: Ուստի եւ ոչ ժամ մի հանգստութիւն տուին, այլ ամէնքը ստիպեցին գետը անցնիլ: Որչափ ալ զանազան կողմերէ նաւեր հավաքեցին եւ նոյնտեղ յոլով տուփ շինեցին, իմա' լաստեր եւ կուրեր, սակայն բազմութեան համար բաւական չէր, մինչ Պարսիկ բանակը բազմութիւնը շրջապատած էր որ փախչող չըլլայ, եւ բռնի գետը կը մղէր լողալով կամ փայտերու ապաւինելով կամ կենդանիներու պոչերուն փաթթուելով անցնելու համար: Դավրիժեցին աղիողորմ շեշտերով կը նկարագրէ աղետալի անցքը, զոր մենք պիտի չկրկնենք, բաւական ըլլայ ըսել թէ լողալու անփորձ տղաներու, կիներու եւ ծերերու դիակներով ծածկեալ էր երեսն գետոյն, եւ թէ բազումք այնք էին որք հեղձմամբ ջրոյն մեռան, քան անոնք որք անցինն ( ԴԱՎ 31): Վերջապէս յաջողեցան Թուրքերը չհասած բազմութիւնը անցընել, բանակն ալ անցաւ, Ամիրգունա խան հրաման ստացաւ Երեւան դառնալ, եւ գերութիւնը վարելու պաշտօնը անցաւ Էլիազ Խալիֆալու զօրապետին, ուղիղ Պարսկաստանի ներսերը տանելու համար զայն, ընդ նեղ եւ նուրբ եւ ընդ դժուարին վայրս, իսկ Շահաբաս եւ բանակը իջան Թաւրէզ ընդ արքունի ճանապարհն: Երբ աքսորականները Ահար եւ Մուշկուն գաւառները հասան, այլեւս ոչ կարէին գնալ, վասն սաստկասառոյց եւ դառնաշունչ ցրտոյ ձմերան, ուստի բռնադատեալ այն կողմերը զետեղեցուցին զնոսա ամիսս ինչ, մինչեւ որ գարունը բացուի ( ԴԱՎ. 32): Հաւանական հաշուով 1606 տարւոյ յունուարին վերջերը կրնանք դնել այս դադարը: Դաւիթ եւ Մելքիսեդեկ կաթողիկոսներ ալ բազմութեան հետ էին, բայց Մելքիսեդեկ դադարէն օգտուելով ետ դարձաւ, եւ եկն Էջմիածին եւ առնէր զկաթողիկոսութիւնն ( ԴԱՎ. 153), առանց գիտելոյ շահին ( ԴԱՎ. 156), մինչ Դաւիթ բազմութեան հետ մնացած էր: Մելքիսեդեկի ետ դառնալը բնաւ Մայրաթոռի համար հոգածութիւն ունենալէն չէր, զի Երեւանի մէջ բնակութիւն հաստատեց, եւ շուրջը հաւաքելով զազգականս եւ զմերձաւորս իւր, յօրանայր լոյծ եւ ընդարձակ կենօք, մտիւքն եւ արդեամբքն սրբոյ աթոռոյն ( ԴԱՎ. 153): Գարնան բացուելուն նորէն ճամբայ հանուեցաւ աքսորական բազմութիւնը: Աբութուրաք բէկի գլխաւորութեամբ, որ յաջորդած էր Էլիազի, մինչեւ որ հասան Ասպահան: Քաղաքացի եղողները քաղաքին մէջ բնակեցան, իսկ շինականները եւ գեղականները զետեղուեցան Ասպահանի շուրջ եղող Լնջան, Ալնջան, Գանդիման, Ջղախոռ, Փարիա եւ Բուրվարի գիւղերը, 500 տուն ալ փոխադրուեցաւ Շիրազ գաւառը` Ալլահվերտի խանին խնդրանօք, այն կողմերն ալ շէնցնելու համար ( ԴԱՎ. 33): Հայաբնակ եղած տեղերու կարգին Քանաքեռցին կը յիշէ նաեւ Ահար, Ապահի, Համատան, Գուլփէքան, Քրման, Խունսար, Խոյիկան եւ Շխշաբան կոչուած տեղերը ( ԶԱՔ. 19):

1589. ՋՈՒՂԱՅԻ ԳԱՂՈՒԹԸ

Արարատի մեծ գաղութը, ընդարձակուած էր ոչ միայն նահանգին բոլոր գաւառներուն վրայ, այլ եւ անոնց հետ Բարձր-Հայոց եւ Տուրուբերանի եւ Վասպուրականի շրջակայ մասերուն վրայ ( ԴԱՎ. 381), որոնք վերջին օրեր Պարսիկներուն անցեր էին, եւ հիմա կը ստիպուէին նորէն լքանել: Ընդհանուր տագնապին մէջ առաձին յիշատակութեան արժանի է Ջուղա քաղաքի գաղութը, վասն զի թէ իր մեծահարուստ եւ ազդեցիկ դիրքովը, եւ թէ սահմանագլուխի վրայ գտնուելովը կրնար մտածուիլ, որ ընդհանուր աւերումէն ազատ մնար: Շահաբաս երբոր Երասխը անցնելէ ետքը դէպի Թաւրիզ կ՚ուղղուէր, յատուկ հրաման արձակեց Ջուղան ալ պարպելու համար, եւ այս հրամանին գործադիր նշանակեց Հանիս Թահմազղուլի բէկը, որ Վրաց թագաւորական ազգատոհմէն Պարսկաստան մնացած եւ իսլամացած իշխաններէն էր: Երեք օր պայմանաժամ տրուեցաւ Ջուղայեցիներու կամովին ճամբայ ելլելու, ուսկից ետքը աւարառութիւն եւ սպանութիւն պիտի սկսէր քաղաքին մէջ, եւ այս նպատակով զինուորներ եւ աւազակներ քաղաքը պաշարած էին: Անհնարին խուճապին խառնուեցան անձրեւ եւ ձիւն, փայլակ եւ կայծակ ( ԴԱՎ. 45), այնպէս որ աննկարագրելի եղաւ Ջուղայեցւոց տառապանքը, որոնց ոգիքը կը քաղուէին հայրենիքէն բաժնուելնուն, եւ սիրտերը կը տանջուէին ամէն տեսակ զրկումներով: Սրտաճմլիկ տեսարան մը բացուեցաւ Կաթան Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյն առջեւ, ուր օտարութենէ դառնալու շնորհքը մաղթելով եկեղեցիներու եւ տուներուն բանալիները գետին մէջ նետեցին ( ԴԱՎ. 43): Շահաբաս անողոք, կրկին եւ կրկին հրամաններ կու տար, քաղաքին մէջ պահուածները փնտռել, եւ բոլոր քաղաքը կրակի տալ: Նոր տարւոյ գարունին նոր հետազօտութիւններ կատարուեցան Ջուղայի շուրջը, եւ մնացորդներ ճամբայ հանուեցան Յինանց երկրորդում կիրակէի երկուշաբաթ օրն ( ԴԱՎ. 46), այսինքն է 1605 ապրիլ 8-ին, եւ այսպէս իսպառ քանդուեցաւ Ջուղայ, ճոխ եւ փառաւոր գիւղաքաղաքը: Ջուղայեցիներէ մասնաւոր բաժիններ բնակեցան Թաւրէզ ( ԴԱՎ. 45) եւ Ղազբին, բայց բուն տեղերնին եղաւ Ասպահանի մօտ առանձին թաղ մը, որ Նոր-Ջուղայ կոչուեցաւ, եւ ուր շինեցին յարկս եւ բնակութիւնս հրաշալի յօրինուածովք, կամարակապ փողոցօք, թեւաւոր ապարանօք, ամարասուն հովանեօք, բարձրաբերձ եւ արքայակերպ շինուածօք: Սոյնպէս շինեցին եւ զեկեղեցիսն հրաշազան յօրինուածովք, երկնանման խորանօք, եւ գերամբարձ կաթողիկէիւք, բովանդակ ծաղկեալ պէսպէս երանգովք, ոսկւով եւ լաջվարդով, տնօրինականօք Տեառն եւ պատկերովք սրբոց, եւ ի գլուխ կաթողիկէից կառուցեալ զնշան սրբոյ խաչին ( ԴԱՎ. 46):

1590. ՇԱՀԱԲԱՍ ԵՒ ՀԱՅԵՐԸ

Այդ վերջին դիւրութիւնները, զորս բառացի առաջ բերինք Դավրիժեցիէն, կարծես հակասութեան մէջ կը գտնուէին առաջ պատմուած բռնութիւններուն հետ եւ իրօք ալ խառնակ զգացումներով տոգորեալ անձ մըն էր Շահաբաս: Եթէ ուզենք այդ ընթացքին բացատրութիւն մը տալ, պիտի ըսենք թէ իր երկիրը շէնցնելու բուռն եւ յախուռն տենչն էր որ կը բորբոքէր իր միտքը, եւ հետեւապէս ուրիշ տեղ եղած առաւելութիւններուն նախանձելով կ՚ուզէր զանոնք իր կողմը փոխադրել, եւ այս նպատակով անգութ բռնութիւններէ իսկ չէր քաշուէր: Հայր աշխարհաշէն, օգտակար եւ զարգացուն տարր մըն էր, եւ որպէսզի նա իրեն համար աշխատի, ամէն դիւրութիւն կ՚ընծայէր իր երկրին մէջ, եւ ամէն բռնութիւն ալ կը գործածէր որպէսզի ուրիշին օգտակար չըլլայ: Անհաւատալի ըլլալու չափ թոյլատու եւ քաղցր եղաւ անոր վարմունքը Հայաստանէ բռնութեամբ քշուած Հայերուն հետ, անգամ մը որ անոնք Պարսկաստան հաստատուեցան, որպէսզի սիրեն նոր բնակութիւննին եւ աշխատին անոր օգտին: Ամէն մտերմութիւն եւ բարեացակամութիւն կը ցուցնէր, կ՚այցելէր անոնց շինութեանց, մտերմաբար կը տեսակցէր եւ մանաւանդ Ջուղայեցւոց գլխաւորին խօճայ Սաֆարի տունը, գրեթէ իր իջեւանն էր, ուր կ՚ուտէր եւ կը խմէր անխտիր, եւ նոյն սէրը կը ցուցնէր Սաֆարի եղբօր Նազարի, եւ որդիներուն Մելիքի, Սուլթանամի եւ Սարֆրազի: Հայերը ստէպ արքունիք ալ հրաւիրելով կը պատուէր, եւ իր նախարարներն ալ կը ստիպէր նոյնպէս ընել: Հարկերը Հայերուն համար թեթեւցուցած էր: Դատաստանները անոնց կը վճռէր, Պարսիկները զրկելով ալ: Բնիկները իրենց ստացութիւններէն հանելով Հայերուն կը սեփականէր. ամէն տեղ անխտիր եկեղեցիներ շինել կ՚արտօնէր: Հայոց մեծ տօներուն անոնց եկեղեցիներն ալ կ՚երթար եւ անոնց ուրախութեանց կը մասնակցէր: Ամէն ծիսական պաշտամունք հրապարակաւ եւ ազատօրէն կատարել կու տար, ինչպէս ջրօրհնէքը, կոչնակը, խաչալամը, թափորը եւ հանդիսաւոր մեռելաթաղը ( ԴԱՎ. 47): Շահաբասի ներքին նպատակը հետզհետէ արդիւնաւորեցաւ, զի բռնի աքսորմամբ գաղթած Հայերը, որ առաջ դառնալու մտածումով կ՚ օրօրուէին, սկսան այդ փափաքը կ՚որսնցնել, եւ մէկ կողմէն իրենց առեւտրական եւ արհեստական օգուտը, զիրենք կապեց երկիրին հետ, եւ տեղաւորուեցան նոր երկրին մէջ: Շահաբասի այդ միտքը պարզօրէն կը բացատրուի այն խոսքերով զորս պատմիչը անոր բերանը կը դնէ, իբրեւ պատգամաւոր Պարսիկներուն պատասխան. Մի' վշտանայք եւ մեղադրէք զիս, զի ես բազում ծախիւք, ջանիւք եւ հնարիւք հազիւ թէ կարացի բերել զնոսա յայս աշխարհ, ոչ թէ վասն օգտի նոցա, այլ վասն օգտի մեր, զի ազգս մեր շինեսցի, եւ ազգն մեր յաւելցի ( ԴԱՎ. 48): Միայն թէ Շահաբասի միտքն ու գործը տեւական չեղան, եւ շատ բան փոխուեցաւ իր նախնական դրութենէն:

1591. ԳԱՂՈՒԹԻ ԱՐԿԱԾՆԵՐ

Իբրեւ մեծ գաղթականութեան գործին յարակից պարագաներ, աւելցնենք այս տեղ ինչինչ մասնաւոր դէպքեր, որոնք եղելութեան իսկական գոյնը կը ցոլացնեն: Ամիրգունա խան, որ Երասխի եզերքէն հրաման ստացաւ իր կուսակալութեան դառնալ ( § 1588), պաշտօն ունէր միանգամայն փախած եւ պահուըտած Հայերը հաւաքելով Պարսկաստան յղել: Գառնի գիւղի բնակիչներ, իրենց վրայ եկող զինուորները ծեծած ու վիրաւորելով ցրուած էին, ու իրենց տեղը անհոգ կը մնային: Ամիրգունա իրողութիւնը զինուորներէն իմանալով զօրս յոլովս առնելով Գառնիի վրայ եկաւ, եւ ծեծով ու հարուածով ու խոշտանգանքով չարչարելէ ետքը` գիւղացիները քշեց մեծ կարաւանին ետեւէն, սակայն անոնցմէ մաս մը փախան, եւ քիչ մը պաշար ճարելով ապաւինեցան Գեղարդի ձորին քարանձաւները: Ասոնց հետ էին Մանուէլ Հաւուցթառի եւ Աստուածատուր Գեղարդի եպիսկոպոսները, որոնք Մելքիսեդեկի հետ Շահաբասին գացեր էին ( § 1585): Ամիրգունա բարեկամական խօսքերով հրաւիրեց փախստականները վար իջնել, իսկ անոնք անարգական խօսքերով եւ քարերու հարուածներով պատասխանեցին: Ասոր վրայ զինուորները քարագնաց ճամբաներով եւ ժայռերէն սողոսկելով կրցան քարանձաւները բարձրանալ, եւ ներսը եղողներուն վրայ յարձակիլ: Զինուորներէն մէկը Մանուէլի գլուխը կտրելով վար նետեց, Աստուածատուր կենդանւոյն վար նետուելով Ամիրգունայի առջեւը սպանուեցաւ, եւ քարանձաւին մէջ եղողներէն մէկ մասը ջարդուեցաւ, մէկ մասն ալ մեծ կարաւանին ետեւէն քշուեցաւ: Դավրիժեցին երկու եպիսկոպոսներուն սպանութիւնը արդար դատաստան Աստուծոյ կը նկատէ ( ԴԱՎ. 35), վասնզի Մելքիսեդեկի հետ Շահաբասը գրգռելու գացած ըլլալով, բոլոր աղէտներուն պատճառ եղած էին: Յիշատակելի է եւս Քօռատարի ձորին արկածը, ուր Եախըշխան կոչուած այրի մէջ հազարէ աւելի անձեր ապաւինած էին, մեծաւ մասամբ կին եւ տղայ, իսկ այրեր շրջակայ փոքր քարանձաւներու մէջ փակուած կը մնային: Այրին անմերձենալի դիրքին պատճառաւ` Պարսիկ զինուորներ ետեւի կողմէն լերան գագաթը բարձրացան, եւ անկէց վար չուաններով եւ գօտիներով կախուելով մինչեւ քարայրի բերանը իջան, անկէ ալ սուսերամերկ ներս խուժելով ահագին ջարդ կատարեցին, կիներու եւ աղջիկներու վրայ բռնութիւններ ալ գործադրեցին, որով շատեր զսրբութեամբ մահն նախադասելով` յամբաւ բարձրութենէն ի վայր արկանէին զինքեանս եւ մեռանէին. շատերն ալ ցաւալի մահուան կը հանդիպէին, լերան ներքեւ գտնուող անտառախիտ ծառոց ճիւղերուն ցցուելով եւ տանջուելով ( ԴԱՎ. 37): Այստեղէն ալ ապաւինողներէն մի մասը մեծ կարաւանին խառնուելով քշուեցաւ: Այս երկու տեղնիտեղով պատմուած արկածներ բաւական են իբրեւ նմոյշ ծառայել այն անթիւ անհամար աղէտներու, որոնց դուռ բացաւ Շահաբասի անգութ հնարքը: Գաղթականին թողած երկիրը կատարեալ անապատի կերպարան էր առած, արգաւանդ հողեր խոպանացած, ամուր բերդեր քանդուած, վանքեր եւ եկեղեցիներ կործանած, կաթողիկէներ տապալած, երկիրը բնակիչներէ թափուր, արտեր առանց հողագործի լքուած, գազաններ եւ գիշատիչ թռչուններ շատցած, եւ իրաւամբ կը գրեն ժամանակակիցներ, հեղձամղձուկ եղեալ փղձկիմք, եւ հարեալ յարտասուս ողբամք եւ աշխարեմք, զի անապատ եղեւ վայելուչ եւ քաղցր աշխարհս մեր ( ԴԱՎ. 39):

1592. ՊԱՏԵՐԱԶՄ ԵՒ ՀԱՇՏՈՒԹԻՒՆ

Վերեւ յիշեցինք թէ Ջղալօղլի Սինան սպարապետը Պարսիկ բանակը կը հալածէր եւ կը հետապնդէր ( § 1587), սակայն երբ Երասխ կը հասնէր, թէ Պարսիկ բանակը եւ թէ աքսորական կարաւանը գետը անցեր էին, եւ դեռ կը մխային Ջուղայի աւերակները: Օսմանցի սպարապետը չհամարձակեցաւ այլեւս յառաջել, աքսորական կարաւանը դժուարին ճամբաներով գացած էր, Պարսիկ բանակն ալ լաւ դիրքի եւ զօրացած վիճակի մէջ կը գտնուէր: Ուստի հարկ սեպեց ձմեռուան խստութիւնը յարգել, եւ Վան ուղղուեցաւ ձմերելու, բայց միշտ խիթալով Շահաբասի Թաւրիզի մէջ համախմբած բանակէն: Իրօք ալ Շահաբաս առաջին յարձակում մը փորձեց Վանի վրայ, զարկաւ Օսմանցոց բանակը, աւերեց եւ թալանեց շրջանակները ( ԴԱՎ. 53), առանց Վանի տիրանալու ( ԺՈՒ. 189): Սինան գարունին Կարին եկաւ, եւ նոր ոյժեր ալ հաւաքեց զանազան կողմերէ, բայց Շահաբաս ռազմագէտ հնարքով նախ մասնաւոր պատերազմներու մէջ թշնամին տկարացուց, եւ յետոյ վերջնական յաղթութիւնը տարաւ 1605 հոկտեմբեր 25-ին, ի սկիզբն տարեմտին ( ԴԱՎ. 57), զի նաւասարդի 5-ն էր: Ջղալօղլի սպարապետը պարտաւորուեցաւ նահանջել դէպի Տիարպէքիր, ուր մեռաւ սրտի ցաւէն, թերեւս անձնասպանութեամբ ալ, 1606 փետրուար 6-ին ( ԴԱՎ. 57), ուրիշներ կը գրեն 1605 դեկտեմբեր 2-ին ( ԺՈՒ. 190): Այդ յաղթութիւնը հաստատեց Շահաբասի տիրապետութիւնը Հայաստանի այն մասերուն վրայ, որոնք 1590-ի դաշնագրութեամբ Օսմանեանց թողուած էին ( § 1570), եւ Երեւան ու Էջմիածին, շատ քիչ ժամանակ Օսմանեանց տիրապետութեան նեքեւ մնալէ ետքը, նորէն Պարսից ձեռքը անցան: Աւելորդ կը սեպենք երկու կառավարութեանց բաղդատութեանը մտնել, տեսանք արդէն Օսմանեանց ներքեւ տեղի ունեցած տագնապը, պիտի տեսնանք Պարսից իշխանութեան բռնութիւնները: Նոյն իսկ Շահաբասի բարեացակամութիւնը Հայերուն հանդէպ ( § 1590), սահմանափակուած էր Պարսկաստան գաղթողներուն վրայ, մինչ անոր ձեռքը սաստկապէս կը ծանրանար Հայաստան մնացողներուն վրայ, ինչպէս վերեւ բացատրեցինք ( § 1590):

1593. ՃԷԼԱԼԻ ԵԼՈՒԶԱԿՆԵՐ

Պատերազմական տագնապներ եւ բռնի գաղութի աղէտներ չեն միայն, որ Արեւելքը, եւ աւելի սաստկութեամբ Հայ տարրը կը ճնշէին: Ջալալի կամ Ճէլալի կոչուած յելուզակներուն փորձանքը, եթէ մեծագոյն չէր, համահաւասար արկած մըն էր: Ասոնք իրարու հետ միացած կամ դաշնակից մարմին մը չէին, այլ իւրաքանչիւր գաւառի մէջ հաստատուած բռնապետ իշխաններ, զորս աւելի յարմար էր աւազակապետներ կոչել, ամէն ասպատակութիւն եւ աւարառութիւն եւ սպանութիւն համարձակ կը գործէին, յաճախ իրարու դէմ ալ ելլելով: Ճէլալի ընդհանուր կոչումը գուցէ յառաջ եկած է Ճէլալի քրդական ցեղին անունէն, որ նախայարձակը եղած էր այդ գործին, իր ցեղապետ Թօփալ Օսմանի գլխաւորութեամբ: Այդ համարձակ յելուզակութիւնը կը տիրէր բոլոր Օսմանեան կայսերութեան Ասիական գաւառներու մէջ, Պրուսայէն մինչեւ Պաղտատ, Տրապիզոնէն մինչեւ Դամասկոս, բայց աւելի սաստիկ էր Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ կողմերը: Գրգռութեան պատճառն ալ երկրին անիշխանութիւնը եւ պետական ազդեցութեան բացակայութիւնն էր, իւրաքանչիւր ցեղապետ կամ կուսակալ իբր ինքնիշխան տէր ուզածը կը գործէր աւազակներու խումբ մը գլուխը ժողված, որ թուով հազարի կը մօտենար եւ քիչ անգամ հազարը կ՚անցնէր: Որեւէ լեռ մը կամ կիրճ մը յելուզակներուն անբռնաբարելի ապաւէնն էր, անոնք տիրապետութեան չէին հետապնդեր, այլ կը գոհանային աւազակօրէն աւերելով եւ աւարելով, գերելով եւ գերփելով: Մեր նպատակէն դուրս է անոնց պետերը համրել, որոնցմէ 30-ի չափ յանուանէ կը յիշէ Դավրիժեցին ( ԴԱՎ. 64), կամ աստ եւ անդ կատարած շահատակութիւննին պատմել, որոնք զանազան պատմիչներէ եւ յիշատակագիրներէ յառաջ բերուած են` իրենց քստմնեցուցիչ եւ մորմոքիչ մանրամասնութիւններով: Ոչ միայն գտածնին եւ տեսածնին կը գրաւէին, այլեւ ծածուկ պահարաններու մէջ, եղածները իմանալու եւ առնելու համար, անլուր տանջանքներով եւ խոշտանգանքներով կը չարչարէին, գլխաւորապէս վանքերու միաբանները եւ եկեղեցիներու քահանաները, եւ յատուկ կերպով կը հետեւէին մանկամարդ կիներու, նորահաս աղջիկներու եւ գեղերես մանչերու առեւանգութեան: Այդ անտանելի կացութեան հետեւանքն էր, որ արդէն գաղութով եւ կոտորածով անմարդացեալ երկիրը, փախուստի եւ խուճապի մատնուածներու երեսէն գրեթէ բոլորովին կը դատարկանար, հողագործութիւն, անասնաբուծութիւն, արհեստ եւ առեւտուր իսպառ կը դադարէին: Հայերուն իրենց բնագաւառէն հեռանալը, որ զանազան պատճառներով արդէն ընդարձակութիւն գտած էր, անգամ մը եւս կ՚աճէր եւ կը տարածուէր, եւ ով կրնար, կեանքը ազատել կ՚աշխատէր ու պանդխտութեան ճամբան կը բռնէր: Պարսկաստան, Ասորիք, Կովկաս, Լեհաստան, Հունգարիա, եւ Կոստանդնուպոլսոյ շրջակայքը նոր հայաբնակութեամբ կը լեցուին: Ճէլալիներու յելուզակութեանց սկզբնաւորութիւնը ոմանք 1598-էն կը դնեն ( ՉԱՄ. Գ. 536) ուրիշներ 1599-ին Հիւսէյին փաշայի ապստամբութենէն կը սկսին ( ԴԱՎ. 64), բայց ի դէպ է աւելի առաջ ալ դնել անոնց սկիզբը, եւ յիշեալ տարիներէն հաշուել աւելի սաստկանալը, որ տասը տարի եւս անընդհատ շարունակեց:

1594. ԱՀՌԵԼԻ ՍՈՎԸ

Այդ անտանելի աղէտներուն ետեւէն հասաւ անմիջապէս ինչ որ անհրաժեշտ հետեւանքն էր, այսինքն ընդհանուր սովը: Գրեթէ անսուաղ մնացին կայսերութեան բոլոր Ասիական գաւառները ի մէջ երկուց մեծ ծովուցն, Սեւ ծովէ եւ Միջերկրականէ շրջապատուած մասերը, եւ աւելի սաստկութեամբ Հայկական գաւառները, ուր պատերազմներ, բռնի գաղութը եւ Ճելալիք ձեռք ձեռքի տուած ամէն բան ապականած եւ ամէն կողմ անապատացուցած էին: Սովին սկզբնաւորութիւնը կը դրուի 1606-ին, երբ տակաւին թոյլ էր եւ ոչ էր խիստ, 1607-ին սաստկացաւ, 1608-ին շարունակեց, 1609-ին թուլացաւ, եւ հազիւ 1610 թուականին բարձաւ բնաւին ողորմութեամբն Աստուծոյ: Իսկ սաստկութեան աստիճանը ցուցնելու համար բաւական ըլլայ յիշել որ ոչ միայն զշուն եւ զկատու եւ զայլ անսուրբ կենդանի, այլ եւ զմարդոյ միս կերան մարդիկ ( ԴԱՎ. 68): Բազմաթիւ մասնաւոր դիպուածներ կը պատմուին, թէ ինչպէս մեռածները ոչ թաղէին, այլ ուտէին կամ թէ զկենդանի մարդս ըմբռնէին եւ ուտէին: Օշականցի մը մարդ խաբելու, մորթելու եւ ծախելու առեւտուր էր ըրած: Բջնեցի երեք կիներ մարդու կտորուանքներ եփելու վրայ բռնուեցան: Կարնեցի չորս կիներ մարդ մորթելու վրայ յայտնուեցան, եւ կուսակալի հրամանով սպանուեցան: Սեբաստացի կիներ իրենց զաւակն իսկ կտրած ու կերած էին ( ԴԱՎ. 65): Բաւական կը սեպենք ակնարկել այդ պժգալի եղելութիւնները, որպէսզի գոնէ ընդաղօտ գաղափար մը տուած ըլլանք ժամանակին տիրող անտանելի կացութեան վրայ: Աւելորդ չըլլայ դիտել տալ, թէ սովին սաստկութեան տարիները, յելուզակներուն ա'լ աւելի կատաղութեան տարիներն էին: Եւ որ չար եւս է, մէկ կողմէն վատ օրինակը, միւս կողմէն վերահաս սովը, քրիստոնեաներէն ալ քանիները կը կատղեցնէին, որ իբրեւ տեսանէին թէ այլազգիքն որպէս առնեն, ինքեանք եւս սկսան այսպէս առնել ( ԴԱՎ. 63):

1595. ՃԷԼԱԼԻՆԵՐՈՒ ԶՍՊՈՒԻԼԸ

Այսչափ աղէտներ եւ երկրի աւերածներ հազիւ թէ սթափեցուցին Օսմանեան կեդրոնը, որպէսզի գործնական եւ վերջնական միջոցներ ձեռք առնուին երկիրը խաղաղեցնելու, եւ Ճէլալիները ընկճելու, եւ սովին դարման մը հոգալու: Ծանր բայց կենսական գործը յանձնուեցաւ Գույուճու Մուրատ փաշայի, որ իբր սպարապետ Գերմանացւոց դէմ պատերազմին, 1606 նոյեմբեր 11-ին, պատուաւոր եւ նպաստաւոր հաշտութեան մը ստիպած էր Հռոտոլփոս Բ. կայսրը, եւ 1607 յունուարին մեծ եպարքոսութեան բարձրացած էր: Մուրատ անմիջապէս պատրաստութիւնները լրացնելով Կոստանդնուպոլսոյ մօտերէն սկսաւ յելուզակներուն դէմ յարձակումները, եւ բուռն զօրութեամբ եւ անողոք խստութեամբ յաջողեցաւ ամենքն ալ զսպել, բոլոր գլխաւորները սպաննել, ու ջնջել եւ հետեւորդները հպատակեցնել, եւ 1608 դեկտեմբեր 18-ին, տարիուկէս անդուլ անխոնջ աշխատանքէ ետքը, յաղթական փառքով մայրաքաղաք մտաւ, իբրեւ յաղթութեան նշանակ առջեւէն տանելով Ճէլալիներէն գրաւուած 400 դրօշներ, իւրաքանչիւրը իր խմբապետի անունովը մակագրուած ( ԺՈՒ. 193): Պէտք է դիտել թէ 1609 տարեթիւը սովին ալ թուլնալուն թուականն է ( § 1594), երբոր երկրին բնակիչներուն հնար եղաւ իրենց գիւղերուն մէջ հաստատուիլ, եւ քիչ ու շատ հողագործական աշխատութեանց ձեռնարկել, արհեստաւորներ համարձակութիւն ստացան իրենց գործերով զբաղիլ, եւ առեւտրականներ կրցան ապրանքներու փոխադրութեան հետեւելով ժողովուրդին պէտքերը հոգալ: Կարծես թէ նոր կեանք մը սկսաւ երկրին մէջ, ահագին տագնապէ մը ետքը:

1596. ՄՐՑԱԿԻՑ ԳՈՐԾԻՉՆԵՐ

Պատերազմներու եւ յելուզակներու եւ սովի անտանելի արկածներուն ժամանակը, պէտք էր որ Օսմանեան հայաբնակութեան կեդրոնը` հոգածութեան եւ խնամողութեան շարժէր, եւ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքները եւ մեծամեծները յորդորէր իրենց ազգայիններուն հսկելու եւ օգնելու: Դժբախտաբար տարբեր ընթացքի մը հաւաստիքը կ՚ըծայէն մեզի մայրաքաղաքի Հայերը, անձնական վէճերով եւ խարդախ միջոցներով իշխանութիւնն ու ազդեցութիւնը իրարու ձեռքէ խլելու զբաղած: Եկեղեցական դասակարգէն չորս անուններ են, որ հրապարակի վրայ կ՚երեւին այս միջոցին, իւրաքանչիւրը իր աշխարհական կողմնակիցներն ունենալով, որոնց մէջ նշանաւոր անուններ չեն յիշուիր: Յովհաննէս Կոստանդնուպոլսեցի, մականուանեալ Խուլ, անշուշտ ականջին ծանրութեան համար, ծնած Կ. Պոլիս 1554-ին, աշակերտութիւնը եւ եկեղեցական աստիճանները մայրաքաղաքին մէջ ստացած, եւ հաւանաբար նոյն տեղ ալ եպիսկոպոս ձեռնադրուած Մելքիսեդեկի այն տեղ եղած ատեն 1599-ին (11. ԱՄՍ. 2): Գրիգոր Կեսարացի, ծնած Կեսարիա ( ԹՈՐ. Ա. 294), թուականը անորոշ, աշակերտած Սրապիոն Ուռհայեցի կաթողիկոսին ( § 1584), 1595-ին անկէ վարդապետական գաւազան առած ( ԿՈԼ. 78), Կեսարիոյ առաջնորդ եղած եւ Երուսաղէմի գործերուն մասնակցած է (11. ԱՄՍ. 3): Գրիգոր Դարանաղեցի, մականուանեալ Բուք ( ՏԱՇ. 410), ծնած Կամախ 1576-ին, Աբեղայ ձեռնադրուած 1590-ին, միջոց մը Էջմիածինի մօտերը Սաղմոսավանք մնացած, ետքէն Բաբերդ եկած ( ՍԱՄ. 203), վարդապետական գաւազան առած Սրապիոն Օձտեղացի վարդապետէն` Վահանաշէնի առաջնորդէն, 1603 մայիս 28-ին, որ յունիս 12 պէտք է ուղղուի, եթէ Հոգեգալստեան տօնն էր տուուչութեան օրը (11. ԱՄՍ. 51): Դարանաղեցին Բաբերդէն չէ կրցած Երեւան դառնալ, Շահաբասի հրամայած բռնի գաղութին պատճառաւ ( § 1587), եւ խոյս տալով Կ. Պոլիս եկած է 1604-ին ( ՏԱՇ. 410): Զաքարիա Վանեցի Գիշու որդի ( ԹՈՐ. Բ. 288), կամ Գէշոյեանց ընտանիքէն, ծնած Վան շուրջ 1570-ին, աշակերտած Վարագի մէջ Բարսեղ Աւանցցի վարդապետին, եւ վարդապետական գաւազան ստանալէ ետքը Կ. Պոլիս եկած, ուր 1603-ին կը գտնուէր ուսուցչութեան զբաղած Յակոբ Ուլնեցի եւ Մաղաքիա Եւդոկիացի վարդապետներուն հետ (11. ԱՄՍ 65): Վանայ առաջնորդ էր եղած 1606-ին եւ 1608-ին մերժուելով ( ԹՈՐ. Բ. 288), կ՚երեւի թէ այս անգամ Էջմիածին է անցած, ուսկից Մելքիսեդեկի կողմէ նուիրակ կը ղրկուի, Ֆրանկստանին քրիստոնէից առհասարակ, եւ այս առթիւ Հռոմ ալ կ՚երթայ (11. ԱՄՍ. 72): Յիշեցինք արդէն ( § 1581), թէ Մելքիսեդեկ Գառնեցի աթոռակից կաթողիկոս Կ. Պոլիս եկած էր 50000 ղուրուշի պարտքին դիմաց նպաստ հաւաքելու, երբ 1599-ին պատրիարքութիւնը ձեռք ձգեց Տիրատուր Սսեցին գահընկէց ընել տալով, բայց տարին չ՚անցած նոյնը իրեն ալ պատահեցաւ ( § 1581):

1597. ԿԵՍԱՐԱՑԻՆ ՈՒ ԽՈՒԼԸ

Յովհաննէս Խուլն եղաւ, որ յաջողեցաւ Մելքիսեդեկը տապալել, եւ ինքն անոր տեղ պատրիարքութիւնը գրաւեց 1600-ին: Յովհաննէսի զօրանալուն ոյժը հարկաւ տեղացի ըլլալով բարեկամներ ունենալն էր, բայց տեւական չեղաւ իր վիճակն ալ: Գրիգոր Կեսարացի հազիւ թէ Կ. Պոլիս երեւցաւ Երուսաղէմի նուիրակութեան պաշտօնով, ամէնքը շահեցաւ իր փառաւոր կերպարանքով, ճգնողական կեանքով եւ գիտնական արժանիքով, ինչ որ բաւեց Խուլը տապալելու եւ պատրիարք հռչակուելու 1601-ին: Ոմանք կը կարծեն թէ Կեսարացին պատրիարքութենէ ետքը 1602-ին եպիսկոպոս ձեռնադրուած ըլլայ Սսոյ մէջ Յովհաննէս Այնթապցիէն ( § 1578), չկարենալով Էջմիածին երթալ Ճէլալիներու երկիւղէն (11. ԱՄՍ. 4), սակայն ուրիշ յիշատակներ 1598-ին կը դնեն անոր ձեռնադրութիւնը, նոյն Յովհաննէս Այնթապցիէ, իսկ պատրիարքութենէ ետքը միայն Կեսարիա գացած կ՚ըսեն վիճակին գործերուն համար, եւ նորէն այցելած Այնթապցիին Վահկայ բերդին մէջ (90 ԱՐԵ. 475): Կեսարացիին համակիր չեղողներն իսկ կը գրեն թէ պատրիարքութեան մէջ ժամանակ մը ուղղութիւններ գործեց (11. ԱՄՍ. 4), բայց թէ ինչ ըրաւ չենք գիտեր, եւ ոչ ալ գաղթականութենէ եւ Ճէլալիներէ յառաջ եկած արկածներուն մասին բան մը ըրած ըլլալը կը գտնենք: Առ առաւելն օգնած է ներքին գաւառներէ փախստականները Կ. Պոլսոյ մօտերը տեղաւորելու: Այդ կարգին նշանաւոր է Ռոտոսթոյի գաղթականութիւնը, Կամախ գաւառէն եկած, որուն պաշտպան ու պատմիչ եղած է իրենց հայրենակիցը Գրիգոր Դարանաղեցին: Կեսարացին 9 տարի պատրիարքութեան աթոռին վրայ մնաց, մինչեւ որ Յովհաննէս Խուլ նորէն զօրացաւ: Անկէ առաջ 1607-ին անգամ մըն ալ բացակայած է Կեսարացին, եւ Յակոբ Նաղաշ քահանայն պատուիրակ ղրկուած է, զինքն Կեսարիայէ բերելու, եւ նա դարձած է ի Բիւզանդիա ահեղագոչ եւ խրոխտ կերպիւ որպէս զառիւծ (11. ԱՄՍ. 3): Բայց մրցումները չեն դադարած, մինչեւ որ 1609-ին Խուլը կը յաջողի նորէն աթոռին տիրանալ: Կեսարացիին պարբերական բացակայութիւնները, որոնցմէ 1602-ին եւ 1607-ին հանդիպածները յիշեցինք, հետեւանք էին Կեսարիոյ առաջնորդութիւնը վրան պահելուն (01. ՕՐԱ. 88): Յովհաննէս Խուլին այս երկրորդ անգամ պատրիարքութեան անցնելու ատենին եւ անոր նախաձեռնութեան կը վերագրուի Կոստանդնուպոլսոյ Գումքաբու թաղին մէջ, 1610-ին, առաջին անգամ Ս. Աստուածածնի անունով մատուռի մը կամ փոքրիկ եկեղեցիի մը շինութիւնը, Յոյներու գերեզման եղած գետնի մը վրայ, եւ 40 օրուան մէջ գործը վերջացնելու պայմանով (11. ԱՄՍ. 79): Այժմեան պատրիարքանիստ Մայր եկեղեցւոյն սկզբնաւորութեան թուականն է, որ աթոռանիստ տեղւոյն տեղափոխութեան ալ պատճառ եղած է, մինչ անկէ առաջ Սամաթիոյ Ս. Գէորգը եղած է աթոռանիստը եւ Սուլու Մանաստըր կոչումը, որ ցարդ կը պահուի, ոչ միայն ջրամբարներու գոյութեան, այլեւ վարդապետներու բնակակցութեան յիշատակը կը պահէ:

1598. ԷՋՄԻԱԾԻՆ ԵՒ ՄԵԼՔԻՍԵԴԵԿ

Երբոր Կ. Պոլսոյ մէջ վերոյիշուած ելեւէջները տեղի կ՚ունենային, Էջմիածինի անցուդարձն ալ լաւագոյն վիճակ չ՚ունէր: Յայտնի է թէ բուն գահակալն էր Դաւիթ, որ յառաջագոյն եւ նախ էր լեալ կաթողիկոս քան զՄելքիսեդն, եւ աւուրբք եւ ալեօք եւս ծեր էր, նաեւ Դաւիթն էր օրհնեալ զՄելքիսեդն ( ԴԱՎ. 155), բայց նա գաղթականութեան հետ Ասպահան էր գացած, եւ հոն կը շարունակէր մնալ: Թէպէտ Շահաբաս զԴաւիթ աւելի ընդունէր քան զՄելքիսեդ, այս վերջնոյս առանց իր կամաց Մուշկունէ ետ դառնալէն ցաւած ( § 1588), սակայն Մելքիսեդ յաջողած էր Էջմիածինի տիրանալ Ամիրգունայի եւ միւս պաշտօնակալաց պաշտպանութեամբ, քանի որ առաւել ձեռնբաց եւ բազմատուր էր դրամօք եւ այլ իրօք ( ԴԱՎ. 161): Մելքիսեդ համարձակութիւն գտնելով Ամիրգունայի հովանաւորութենէն, գիրացեալ եւ ստուարացեալ եւ յօրացեալ յիշխանութեան միջի, ոչ կամէր լսել Դաւթի, զի զոր ինչ ասէր Դաւիթ, զբանիւ նորա Մելքիսեդն ստունգանէր, եւ ոչ միայն այսչափ, այլեւ իրաւունքէ եւ հասոյթներէ ալ կը զրկէր, մինչեւ որ Դաւիթ կը գանգատէր, որ եթէ ի բաց կացուցէր զիս յիշխանութենէ կաթողիկոսութեան, գոնեա տուր ինձ օր աւուր դարման պիտոյից պարէնի կերակրոց եւ զգեստուց ( ԴԱՎ. 155): Դարանաղեցի Գրիգորի եւ Քանաքեռցի Զաքարիայի վկայութեամբ Աւետիս կաթողիկոս մըն ալ ( § 1582) կը գտնենք այս միջոցին Էջմիածինի մէջ, սակայն չենք գիտեր թէ ինչ դեր կը վարէր, եւ ինչ գործունէութիւն ունէր, քանի որ Դավրիժեցին ամէն մանր պարագաները եւ ամէն ներկաները յիշելով մէկտեղ, այս միւս աթոռակիցին անունն իսկ չի տար իր ընդարձակ պատմութեան մէջ: Ի դէպ կը կարծենք ըսել, թէ Աւետիս, որ պարկեշտ եւ սրբասէր, խրատիչ եւ ուսուցող բնաւորութեան տէր անձ մը կը նկարագրուի (11. ԱՄՍ. 69), համակերպող ընթացք մը կը պահէր Մելքիսեդեկի հանդէպ, ոչ անոր անկարգութեանց մասնակցելով, եւ ոչ ալ ընդդիմանալ համարձակելով, կամ իր իշխանութեամբ ճոխանալով: Մելքիսեդեկի անկարգ ընթացքը, եւ աթոռէ հեռու Երեւանի մէջ բնակելով Էջմիածինի արդիւնքը իր լոյծ եւ ընդարձակ կեանքին գործածելը, քանիցս միաբաններու կողմէն իրեն երեսը խօսուեցաւ, սակայն Մելքիսեդ յօրացեալ եւ ստուարացեալ գոլով պետական իշխանութեամբ, ստունգանէր եւ անկուշէր զամենայն ասուցեալսն նոցին ( ԴԱՎ. 153): Ասոր վրայ Կարապետ եւ Մարտիրոս եւ Յովհան եպիսկոպոսներ, երեքն ալ ի նոյն գեղջէն Էջմիածնի, ստիպուեցան Ամիրգունա խանին ամբաստանութիւն ներկայել, անոր անհաւատարիմ մատակարարութեան դէմ, եւ խանը առիթ գտաւ 60 թուման գանձել Մելքիսեդեկէ իբրեւ տուգանք, իսկ սա սրտամնաց լեալ Էջմիածինէ հեռացաւ, եւ Վրաստան քաշուեցաւ, ինչ որ հաճելի չեղաւ պետական իշխաններուն, քանի որ նուէրներու աղբիւրը կը ցամքէր: Ուստի մեղադիրք եղեն Ամիրգունայի, որ այս անգամ ալ առիթ գտաւ եպիսկոպոսներէն տուգանք գանձել, Մելքիսեդեկը բերել, եւ զանոնք հեռացնել, որոնցմէ Կարապետ Սեւան քաշուեցաւ, Մարտիրոս Ասպահան գնաց Դաւիթի մօտ, իսկ Յովհանի տեղը յիշուած չէ ( ԴԱՎ. 154): Այդ եղելութեանց մէջ ալ Դավրիժեցին Աւետիսի անունը չի տար, եւ չենք կրնար ճշդել թէ ինչ դիրք կը պահէր նա Մելքիսեդեկի եւ միաբանութեան պայքարին մէջ:

1599. ՀՌԻՓՍԻՄԷԻ ՆՇԽԱՐՔԸ

Պատահական միջադէպ մը մեծ նշանակութիւն ստացած է այդ միջոցին: Հայաստանի բռնի գաղութին վրայ` Ֆրանկ պատրիք, այսինքն լատին կրօնաւորներ սկսած էին ցրուիլ զանազան գաւառներ, թէ մարդ որսալու եւ թէ անտէր ստացուածներ գտնելու, եւ գլխաւորապէս լքեալ տաճարներէն մնացած սրբութիւններ հաւաքելու: Անոնցմէ ոմանք Կարենիս գիւղի Ս. Առաքելոց վանքին մէջ Անդրէաս առաքեալի գլուխը կը գտնեն, բայց Երեւանի եպիսկոպոսը վրայ կը հասնի եւ ձեռուըներէն կ՚առնէ: Ուրիշներ Ս. Հռիփսիմէի տաճարը կը պրպտեն, որ աւեր ձեւ մը առած էր, եւ բովանդակ եկեղեցին եւ խորանքն աղբովք անասնոց լցեալ էին ( ԴԱՎ. 135): Պատրիք երեք ( ԴԱՎ. 137), որոնց երկուքին անունները Գլէլում ( ԴԱՎ. 149) կամ Գլելուն եւ Արքանչելի են յիշուած ( ԴԱՎ. 141), իմա' Գուլիէլմոս եւ Հրեշտակապետ, իրենց գործ կ՚ընեն Ս. Հռիփսիմէի ոսկրները ձեռք ձգել, եւ գաղտնի պեղումներով նպատակին կը հասնին, բայց ոսկրները եկեղեցւոյն մէջտեղը հանած ատենին, վրայ կը հասնին Գրիգոր եւ Վարդան եպիսկոպոսներ, երբ ելած էին ի զբօսանս շրջագայիլ: Կրօնաւորներուն եւ եպիսկոպոսներուն մէջ կագ եւ կռիւ եւ աղմուկ կը սկսին, մինչեւ իսկ զմիմեանս հարկանել եւ վիրաւորել, բայց եպիսկոպոսներ կը յաջողին նշխարները Էջմիածին փոխադրել, ուր կը խմբուին բոլոր միաբաններ, եւ կը հասնի նաեւ Մելքիսեդեկ ( ԴԱՎ. 137), որուն արդէն ոսկի դահեկանս տուած էին կրօնաւորները, զի մի լիցի հետաքրքիր գործոց նոցա ( ԴԱՎ. 131): Այստեղ ալ Մելքիսեդեկ աչք կը գոցէ որ մէկ մաս մը վերցնեն կրօնաւորները ի մոմլաթէ շինուած քսակներու մէջ: Միաբաններ մնացածը նորէն իր առաջին տեղը կ՚ամփոփեն, ուր խճով եւ կրով մածուցեալ ամրացուցին: Հռիփսիմէի նշխարները հանող կրօնաւորներ, Երեւանի եւ Նախիջեւանի ճամբով կ՚երթան Երնջակի Ապարաներ գիւղը, Ունիթորներու կեդրոնը, անկէց ալ լռելեայն կ՚իջնեն Ասպահան, որպէսզի նշխարներէ մաս մըն ալ տանին ի քաղաքն Գըւայ (Goa), որ է Հնդկաստանի մէջ, յերկիրն Փուրթուկէշին, եւ վերջապէս ի բուն իսկ ի Ֆռանկստան ( ԴԱՎ. 139):

1600. ՆՇԽԱՐԱՑ ՅԱՅՏՆՈՒԻԼԸ

Ասպահանի մէջ դեռ չէր լսուած կրօնաւորներուն եւ նշխարներուն գալը, երբ Դաւիթ կաթողիկոսի սպասաւորներէն մէկը անունը Գրիգոր, ֆռանկաց լեզուին ծանօթ եւ անոնց վանքերը յաճախող, հանդիպմամբ կը լսէ գործը նոյնիսկ կրօնաւորներուն բերնէն, եւ լուր կու տայ Դաւիթի, այն ալ խօճայ Սաֆարին, որ Նոր-Ջուղայի աւագն էր ( § 1590), եւ Ազատէրտէրին ( § 1586), որ աւագերէցն էր: Ասոնք ալ լուր կու տան Միրզա Մահմատ կուսակալին, եւ Լատինաց վանքը յանկարծ կոխելով, ոսկրներու սնտուկը կը գտնեն, եւ կնքելով Սաֆարի մօտ աւանդ կը դնեն մինչեւ որ Շահաբասէ հրաման մը գայ: Սաֆարի եղբայր Նազար ալ, որ Թաւրիզ Շահաբասի մօտ կը մնար, պէտք եղած միջնորդութիւնը կ՚ընէ, եւ Ալթուն անունով յատուկ պաշտօնեայ մը կը ղրկուի Ապարաներ, նշխարները գողցող կրօնաւորները Շահաբասի մօտ բերելու: Ալթուն ամէն խստութիւն ձեռք կ՚առնէ, կապանք, չարչարանք եւ բրածեծ, որպէսզի բուն գողցողները ցոյց տան, եւ հոն պահուած նշխարներն ալ մէջտեղ հանեն: Ալթուն, որ հայազգի Աւետիք մըն էր, պատահմամբ կը լսէ պզտիկ տղայի մը, իր հօրեղբօր քահանային ծեծուած ատեն բերնէն հանած հայերէն մէկ խօսքը, եւ անով հետազօտութիւնները կը դիւրացնէ, ամէն բան մէջտեղ կը հանէ, մինչեւ իսկ մերձակայ Բոլու լերան մէկ քարանձաւին մէջ թաղուած մասը, եւ թէ նշխարները եւ թէ կրօնաւորները առնելով ճամբայ կ՚ելլայ Թաւրիզ տանիլ: Աստապատ հանդիպած ատեն, որ իր ծննդավայրն էր, Աւետիք-Ալթուն կրօնաւորներուն գլուխները միայն Շահաբասի տանիլ կը մտածէ, այլ Պօղոս Մոկացի վարդապետի խրատով ետ կը կենայ: Իսկ Շահաբաս կրօնաւորները կ՚արձակէ, եւ նշխարները բոլոր Սաֆարի կը խրկէ, որ պահուին Ասպահանի մէջ ( ԴԱՎ. 145): Իբրեւ այս պատմութեան լրումն կ՚աւելցուի, թէ երկու բուն գող կրօնաւորները աւազակներէ կը սպանուին ( ԴԱՎ. 146), թէ անոնց Աղամիր սպասաւորը հազիւ կ՚ազատի ( ԴԱՎ. 147), թէ յետ ժամանակաց Լատիններ երկու սպանեալներուն ոսկրները Ֆրանկստան կը փոխադրեն, իբրեւ զնշխարս մարտիրոսի ( ԴԱՎ. 148), եւ թէ կը յաջողին ալ Շահաբասի ձեռքով Ասպահան պահուած նշխարներէն պզտիկ մաս մը ստանալ, եւ զայն զետեղել ի հիմունս եկեղեցւոյ վանացն Գըւայի ( ԴԱՎ. 149): Համաձայն այս պատմութեան, զոր Դավրիժեցին ականատեսներէն քաղելով գրած է, Ս. Հռիփսիմէի այժմեան գերեզմանին մէջ գտնուող ոսկրները այլեւս ամբողջը չեն, եւ ձեռքէ ձեռք անցած կտորներն ալ աստեւանդ ցրուած են, ինչպէս Նախիջեւանի Գուլթափա գիւղը Պօղոս Մոկացի վարդապետին գրածը ( ԴԱՎ. 143), Մինաս Ակնեցի` Զմիւռնիոյ եպիսկոպոսին Իտալիա տարածը, եւ Պետրոս Խալարենց` Սաֆարի թոռին Պաղտատ փոխադրածը ( ՉԱՄ. Գ. 573): Պատմուած եղելութեան թուականը ճիշդ յիշուած չէ, այլ ի դէպ է դնել շուրջ 1607-ին, երբ տակաւին Շահաբաս Թաւրիզ կը գտնուէր:

1601. ՄԵԼՔԻՍԵԴԵԿ ԵՒ ԼԱՏԻՆՆԵՐ

Ս. Հռիփսիմէի նշխարներուն գողութեան գործը, որչափ ալ Հայոց համար յաջողութեամբ վերջացաւ, սակայն Մելքիսեդեկի համար մշտնջենաւոր անարգանքի փաստ մը եղաւ, Սմուկ սաթան խալիֆա, այսինքն ոսկր ծախող կաթողիկոս` անունը տրուեցաւ ետեւէն ( ԴԱՎ. 156), եւ երեսն իվեր յանդիմանուեցաւ, թէ զաստուածային պատուական գանձն հանեալ վաճառեցեր այլազգեաց ( ԹՈՐ. Բ. 287): Սակայն Մելքիսեդեկ այսչափով իր դիրքը խախտած չգտաւ. Դաւիթ միշտ հեռու կը մնար Ասպահանի մէջ, Աւետիս ընկճեալ դիրք մը կը պահէր, եւ Մէլքիսեդեկ կրնար ուզածը ընել Մայրաթոռին մէջ` Ամիրգունա կուսակալը իրեն պաշտպան ունենալով: Հայրապետական բոլոր հասոյթները ըստ հաճոյս կը գործածէր իր լոյծ եւ ընդարձակ կեանքին, կամ ձեռնբաց եւ բազմատուր կաշառքներուն: Մելքիսեդեկ որ իր շահամոլ եւ փառամոլ գործերուն մէջ, ոչ մի անտեղի միջոց չէր խտրեր, նոր պարագայ մըն ալ մտածեց աւելցնել այդ շարքին, այն է դաւանական խնդիրները շահավաճառի միջոց դարձնել: Լատին կրօնաւորներուն Հայաստանի կողմերը յաճախելու պարագայն, եւ անոնցմէ մտերմութեամբ ստացած կաշառքները, եւ աւելի ալ ընդունելու յուսադրութիւնը, զինքն յորդորեցին աւելի մերձաւորութիւն ցուցնել եւ դէպ Արեւմուտք ձեռք երկնցնել եւ զօրաւոր եւ հարուստ ըմբռնուած լատինականութեան արդիւնքներով բախտաւորուիլ: Այդ մասին իրեն համամիտ գտաւ Զաքարիա Վանեցին, որ Վանէ մերժուած իր քովը կը գտնուէր ( § 1596), եւ Արեւմուտքի Հայերուն նուիրակութիւնը անոր յանձնեց 1610 մայիս 1 թուակիր կոնդակով, որ Իլվով, Կամենից, Սեչով եւ Եաշ. շրջագայի, եւ արդիւնքներ հաւաքէ (11. ԱՄՍ. 72), անկէ ալ Իտալիոյ գաղթականներուն անցնի, եւ յարմար յարաբերութիւններ մշակելով Հռոմ ալ հանդիպի, եւ պապութեան հետ շահաւէտ եւ շահաւոր կապեր արդիւնաւորելու ջանայ: Հռոմի դիւաններուն մէջ կը գտնուի գրուած մը Մելքիսեդեկի կողմէ Պօղոս Ե. պապին ուղղուած 1610 մայիս 15 շաբաթ օր թուականով ( ԱԶԱ. 121), մինչ մայիս 15-ը երկուշաբթի կը հանդիպի այն տարին: Գրութիւնը ընդարձակ է ( ԱԶԱ. 113-121), եւ արեւելեան ոճի ամէն կատարեալ ճոխութեամբ եւ օրինակներով եւ փոխաբերութիւններով կը բարձրացնէ պապն ու պապութիւնը, շողոքորթութեան վարժ ականջները զզուեցնելու չափ: Մենք պիտի չփորձենք անոր վերլուծութիւնն ալ տալ, միայն պիտի դիտենք թէ ամենայն հաւանականութեամբ գրուածը Մելքիսեդեկէ բղխած չէ, այլ Հռոմի մէջ Զաքարիայէ պատրաստուած է, իր պատգամաւորութիւնը յաջողցնելու համար: Ասոր նշան կը նկատենք մայիս 15-ին նոր տոմարի հաշուով շաբաթ ըսուած ըլլալը, որ Մելքիսեդեկի գործածած հին տոմարին չի պատասխաներ, եւ նոյն գրութեան պասմայ գրով երեւցած ըլլալը ( ԹՈՐ. Բ. 289), ինչ որ Էջմիածինի մէջ չէր կրնար պատրաստուիլ, եւ վերջապէս Մելքիսեդեկի ալ նեղը մտած ատեն զայն իրմէ հեռացնել ուզելը, որուն համար Կեսարացին իրեն կը գրէր, որ թէ ստոյգ է որ դու չես միաբաներ, պապին գիր մը գրէ, թէ ոմն զԶաքարիա անուն վարդապետ, որ ի մեզանէ նուիրակ եկն յայդ կողմանքդ, առանց մեր կամաց եւ գիտութեան իմ մօհրովս սուտ ձեռագիր է տուեալ ձեզ ( ԹՈՐ. Բ. 292): Յայտնի չէ թէ ինչ արդիւնք կրցաւ ձեռք ձգել Զաքարիա իր պատուիրակութեամբը, զի միայն ոսկեղէն խաչ մը ընծայ, եւ Շահաբասի յանձնարարական մը գրելու խոստումը յիշուած են, երբ միւս կողմէն կը պահանջուի որ Մելքիսեդեկ հաւատոյ դաւանութիւն գրէ (11. ԱՄՍ. 74): Ասով կը յայտնուի թէ Զաքարիայի մատուցած շողոքորթ նամակն ալ չէ բաւած Մելքիսեդեկի հաւատքին վրայ վստահութիւն ներշնչելու: Մելքիսեդեկի անձը եւ անոր շահամոլ ընթացքը, եւ գրուածին հեղինակութենէ զուրկ ըլլալը բաւական են հաստատել, թէ որչափ անհիմն են հռոմէականներուն անոր վրայ հիմնած փաստերը ( ԱԶԱ. 121): Մելքիսեդեկ լոկ օգնական աթոռակից մըն էր, եւ ոչ Հայ եկեղեցւոյ տիրապէս ներկայացուցիչը, եւ իր եպերելի ընթացքն ալ նկատի չառնելով, նա իւրովի եւ առանց ժողովի, եւ նոյնիսկ Մայրաթոռոյ միաբանութեան կողմէն վստահութիւն չվայելելով, չէր կրնար երբեք Հայ եկեղեցւոյ դաւանութեան վաւերական թարգմանն ըլլալ:

1602. ԳՐԻԳՈՐ ԴԱՐԱՆԱՂԵՑԻ

Պատմութեանս մէջ գործունեայ դեր վարող անձանց մասին, որչափ հնար է լիակատար տեղեկութիւն տալու նպատակով, աւելորդ չենք սեպեր ինչ ինչ մանրամասնութեանց ալ մտնել, եթէ առաջնակարգ կարեւորութիւն ալ չներկայեն: Այդ կարգէն է Գրիգոր Դարանաղեցի վարդապետը, որուն 1604-ին Բաբերդէ Կ. Պոլիս գալը յիշեցինք ( § 1596), երբ պատրիարքական աթոռի վրայ կը գտնուէր Կեսարացին ( § 1597): Սակայն Կ. Պոլիս չ՚ուզեր մնալ, եւ Երուսաղէմ երթալու փափաքով ճամբայ կ՚ելլէ, ուր սակայն չի հասնիր, եւ ժամանակ մը Եգիպտոս կը մնայ, եւ այնտեղ կը ձեռնարկէ ամբողջական Աստուածաշունչի մը ընդօրինակութեան իր կիրառութեան համար, որ այժմ մեր ստացութիւնն է, թէպէտ քայքայեալ եւ քանի մը թերթեր պակաս, բայց կարեւոր յիշատակարաններ կը պարունակէ տեղտեղ: Գրչութեան սկսած է 1605 նոյեմբերին, եւ շարունակած է մինչեւ Յեսու: Միւս տարին 1606-ին եկած է Երուսաղէմ, ուր յունիս 15 շաբաթ օր, ի վճարս Պէնտէկոստէի Հռութը կը լրացնէ: Այստեղ ալ պիտի դիտենք թէ Հոգեգալուստի եօթնեակին շաբաթ օրը յունիս 14-ին կ՚իյնայ, եւ 15-ին Եղիայի կիրակին է. սակայն ամէնէն մտադիր գրիչներ ալ վայրկեանը վայրկեանին չգրելով, այսպիսի թեթեւ անճշդութեանց կ՚իյնան յաճախակի: Այդ առթիւ իբր Երուսաղէմի պատրիարք կը յիշէ Դաւիթ արքեպիսկոպոսը, որ է Մերտինցին ( § 1503), Անդրէասի օգնականը, եւ 1593-ին յաջորդողն, իսկ Գրիգոր մոնոզոն աբեղայ, որ է հռչակաւոր Պարոնտէրը, յիշուած է իբրեւ վերակացու հոգաբարձու եւ բազմերախտ աշխատաւոր: Տարի մը մնացած է Դարանաղեցին Երուսաղէմ, ուր կը գտնուի տակաւին 1607 նոյեմբեր 24-ին, եւ անկէ Կ. Պոլիս կու գայ դառնալու նպատակով, բայց շատ ժամանակ արգիլուած է ի բազում հինից չարաց, այսինքն Ճէլալիներու ասպատակութենէն ( § 1593), եւ ուր ուրեմն կրնայ երթալ ի սիլայ, այսինքն է իր հայրենական գաւառը, եւ կը դադարի Բենկայի կամ Բինկիանի վանքը, եւ ընդօրինակութիւնը կը շարունակէ, մինչեւ որ նորէն յահէ նեղչաց փախստեայ գոլով Կ. Պոլիս կու գայ: Այդ գալուստը իդէպ է դնել 1612-ին (11. ԱՄՍ. 7):

1603. ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԳՈՐԾԵՐ

Մինչեւ Դարանաղեցիին Կ. Պոլիս վերադարձը, նոր դիպուածներ տեղի ունեցած էին մայրաքաղաքի մէջ, եւ ինչպէս արդէն ըսինք, Յովհաննէս Խուլ յաջողած էր Կեսարացին տապալելով երկրորդ անգամ պատրիարքական աթոռը գրաւել 1609-ին (11. ԱՄՍ. 4): Կեսարացին, ժիր եւ գործունեայ մարդ, գնաց ուրիշ կերպով օգտակար ընել իր ատենը: Արդէն Կ. Պոլիս եկած էր Երուսաղէմի պարտքին համար, եւ պատրիարքութենէն ալ օգտուած էր այդ նպատակին, ուստի Եգիպտոս եւ Ասորիք եւ Միջագետք շրջելու ելաւ, եւ բաւական գումար հաւաքելով Երուսաղէմ գնաց, այնտեղի գործերը կարգադրելու: Այդ ուղեւորութեան մէջ իրեն ընկերակից ունէր Մովսէս Տաթեւացի վարդապետը, նոյն ինքն ապազգային բազմարդիւն կաթողիկոսը: Մովսէս բնիկ Սիւնեցի էր, Բաղք գաւառէն, Խոտանան գիւղէն, Սրապիոն Եդեսացի մեծ վարդապետին ու կաթողիկոսին աշակերտած էր անոր վերջին ատենները, եւ թերեւս Էջմիածինէ անոր մօտ մտած էր: Շատ սիրուած ըլլալով 15 տարեկան աբեղայ եւ քահանայ կը ձեռնադրուի, եւ Սրապիոնի վաղահաս մահուանը վրայ Գրիգոր Կեսարացիին ձեռքին տակ կը զարգանայ, Եգիպտոս եւ Երուսաղէմ կրօնաւորական վանքերը կ՚ուսումնասիրէ, Ս. Յակոբեանց վանքին ալ կը ծառայէ, մեղրամոմը ճերմկցնելու արհեստը կը սովորի, եւ նորէն Կեսարացիին մօտ կը դառնայ անոր պատրիարքութեան ատեն, եւ Արեւելցիներու միջնորդութեամբ` վարդապետութեան աստիճան ալ կը ստանայ մեծ հանդիսիւ ( ԴԱՎ. 219): Կեսարացին Մովսէսի հետ կը կատարէ վերջին շրջագայութիւնը, եւ 1610-ին Երուսաղէմ գալով, դիզեալ պարտքերը կը թեթեւցնէ որոնք 8000 ղրուշ եղած էին, կ՚ըսէ Դարանաղեցին, եւ թէ 600 ղրուշ ալ տարեկան հարկ կը ծանրանար, եւ ամէն օր 5 կարմիր խարճ կ՚երթար պարտատեարց համար, այնպէս որ յետի շունչն էր հասէր վանքն Հայոց: Կեսարացին` Դաւիթ պատրիարքին անկարացած ըլլալն ալ տեսնելով, անոր գործէ ձեռք քաշել կու տայ, եւ վանքին ու աթոռին մատակարարութիւնը կը յանձնէ Գրիգոր Պարոնտէրին, որ աբեղայ եղած ատենէն աթոռին վերակացուն եւ հոգաբարձուն էր, եւ գլխաւոր գործունեայ անձը (11. ԱՄՍ. 4): Այդ առթիւ պէտք չէ Դաւիթը գահընկեց եղած նկատել, այլ միայն աթոռակցութեան ձեւը գործադրուած, Դաւիթին պահելով պատիւը, եւ Գրիգորին յանձնելով վարչութիւնը: Գրիգորին նախընթացին գալով, բնիկ Գանձակեցի է եղած, Սպիտակաշէն գիւղէն եւ Վարդանեան ազգատոհմէն: Տղայութեան ատեն թոնիր իյնալով անվնաս ազատելուն վրայ` ծնողքը ուխտած են զինքը Երուսաղէմի նուիրել, եւ անոնց վաղահաս մահուանէ ետքը ինքն Գրիգոր ուզած է անոց ուխտը լրացնել, եւ Երուսաղէմ եկած է 1581-ին, նորահաս երիտասարդութեան ատեն: Ժամանակ մը Երուսաղէմ մնալէն ետքը, շրջած է Հռոմ ու Սիս, եւ Երուսաղէմ դառնալով մատակարարութեան գլուխ անցած է, եւ ներքին գործունէութեամբ եւ արտաքին յարաբերութեամբ օգտակար եղած է աթոռին, եւ ամէնէն յարգուած եւ պատուուած եւ իբր միակ կարող անձը ճանչցուած ( ԱՍՏ. Ա. 283), եւ այս է որ Կեսարացին ալ կը յորդորէ զայն գործի գլուխը անցնել:

1604. ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆՆԵՐ

Երբոր Կեսարացին Կոստանդնուպոլսէ հեռու օգտակար ձեռնարկներու կը պարապէր, իր կողմնակիցները առիթ կը գտնէին, ժամանակին գործածական եղած միջոցներով զօրանալ, եւ Յովհաննէս Խուլը պատրիարքութենէն տապալել, եւ նորէն Կեսարացիին պատրիարքութիւնը վաւերացնել տալ տէրութեան ալ կողմէն: Նա ալ 1611-ին սկիզբները, դարձեալ յաղթական մուտք կը գործէր Կ. Պոլիս, այս անգամ աւելի խստութիւն բանեցնելով իր հակառակորդ խումբին վրայ: Քիչ ետքը 1612-ին Դարանաղեցին Տրապիզոնի ճամբով Կ. Պոլիս կը դառնայ ( § 1602), Վանեցին ալ յունիս 15-ին Հռոմէ կը հասնի (11. ԱՄՍ. 9), ուր գացած էր Արեւմուտքի նուիրակութեան առթիւ ( § 1601), եւ Կեսարացին երկուքին հետ ալ կասկածով եւ սաստկութեամբ կը վարուի: Ասիկա իրեն նպաստաւոր չ՚ըլլար վասն զի, նոյնիսկ Դարանաղեցին, որ կը խոստովանի, թէ ես բնաւ չէի ուզեր Խուլը, եթէ Կեսարացին այս հալին չհասցնէր զիս, կը յայտարարէ թէ ստիպուեցայ յոչ կամս միանալ անոր: Խուլն ու Դարանաղեցին ու Վանեցին միացած Կեսարացիին դիրքը կը խախտեն (11. ԱՄՍ. 9), որ թէպէտ ակամայ, բայց ձանձրացեալ ի նոցանէ եւ հրաժարեալ, պատրիարքութիւնը կը թողու եւ իր վիճակը Կեսարիա կը դառնայ (11. ԱՄՍ. 49): Երեք դաշնակիցները իրենց յաղթութեան արդիւնքը հաւասարապէս վայելելու համար, այս անգամ պատրիարքութեան հասոյթները մէջերնին կը բաժնեն, յարակից վիճակներուն վրայ հսկողութեան հետ, որով միայն կրնային արդիւնքներն ալ ապահովել: Կ. Պոլիսը կ՚առնէ Վանեցին, բնական պարաթին հին ղապալայի երկրովքն, որ է ըսել Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան նախնական հրովարտակին սահմաններովը, եւ բուն պատրիարք կը նկատուի: Խուլը կ՚առնէ զամենայն Ուռումէլն բաց յԸռատողուս, այսինքն է Եւրոպակողման վիճակները Ռոտոսթոյէ զատ, վասնզի անիկա Դարանաղեցիին հայրենական գաղթականութիւնն ըլլալով, յարմար կը սեպուի անոր թողուլ: Անատոլի փարաքանտան, այսինքն Ասիակողման մերձաւոր վիճակներն ալ մէկտեղ (11. ԱՄՍ. 9): Բայց Կեսարացին Կեսարիոյ մէջ հանդարտ չմնաց, այլ բանակցութեան մտաւ Յովհաննէս Այնթապցի կաթողիկոսին հետ, օգուտ քաղել ուզելով Սսոյ աթոռին Կոստանդնուպոլսոյ վրայ վարած հին իրաւասութենէն ( § 1489), եւ Յովհաննէսը համոզելով անձամբ Կ. Պոլիս երթալ իր ազդեցութիւնը գործադրելու եւ զինքն զօրացնելու: Իրօք ալ Մինաս Քացախ եւ միւս Մինաս Կարնեցի եպիսկոպոսներն ալ մէկտեղ առնելով, չորսը միասին Կ. Պոլիս կու գան: Երկու կուսակցութիւններ նորէն պայքարի կը մտնեն, Վանեցին եւ Խուլը մէկ կողմէն, Կեսարացին ու Այնթապցին միւս կողմէն: Խուլը մինչեւ Ադրիանուպոլիս կ՚երթայ, անձամբ կը ներկայանայ սուլտան Ահմէտի, եւ իրենց կողմին նպաստաւոր հրովարտակ մը կը ստանայ, որով վերջէն եկող չորսերը իրենց տեղերը կը ղրկուին 1613 մայիս 25-ին, որ օր Դարանաղեցին ալ իր Ասիակողման վիճակներուն այցելութենէն Կ. Պոլիս կը մտնէր (11. ԱՄՍ. 10): Յաղթութեան գլխաւոր գործիչը Խուլն ըլլալով, երեք դաշնակիցներու մէջ բաժիններու փոփոխութեան հարկ մը կը ծնի: Վանեցին տեղի կու տայ եւ Խուլին կը թողու Կ. Պոլիսը իր յարակիցներով, որոնց մէջ կը մտնեն նաեւ Կուտինա, Սեբաստիա եւ Կաֆա: Վանեցին կ՚առնէ Անատօլու փարաքանտան, այսինքն Իւսկիւտարէն սկսելով մերձաւոր Ասիակողմը, իսկ Դարանաղեցիին կը մնայ Ռումէլին Ղալաթիայով մէկտեղ (11. ԱՄՍ. 10): Այդ նոր բաշխումով Խուլը կը սկսի բուն պատրիարք նկատուիլ: Սոյն միջոցին համար Կ. Պոլսոյ պատրիարքներու սովորական ժամանակագրութիւնը (01. ՕՐԱ. 88) պէտք կ՚ըլլայ փոփոխութեանց ենթարկել, գլխաւորապէս Դարանաղեցիի յիշատակարաններուն ուսումնասիրութեամբ, եւ ըստ այսմ կ՚երեւի, որ Խուլը 1615-է անդին չէ կրցած աթոռին վրայ մնալ, եւ նորէն տեղի տուած է Կեսարացիին գրաւել պատրիարքական աթոռը (11. ԱՄՍ. 11):

1605. ԷՋՄԻԱԾԻՆԻ ԳՈՐԾԵՐ

Կոստանդնուպոլսոյ եղելութիւնները այս կէտին ընդհատելով կ՚անցնինք նկատի առնել Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցած պատահարները: Վերջին անգամ յիշեցինք Մելքիսեդեկի 1610-ին Զաքարիա Վանեցին Արեւմուտքի նուիրակ յղելը, եւ իր անունով Պօղոս Ե. պապին գրութիւն մը ներկայուած ըլլալը ( § 1601): Զաքարիայի նւիրակութիւնը երկու տարի տեւեց, եւ 1612-ին Կ. Պոլիս դարձաւ, եւ այնտեղ մնաց ու պատրիարք ալ եղաւ ( § 1604), ուստի դժուար է հաստատել, թէ Էջմիածին դարձած եւ Պօղոս Ե. պապին նամակը Մելքիսեդեկի ներկայացուցած ըլլայ, ինչպէս կը յայտարարուի Մելքիսեդեկի կողմանէ 1613 մարտ 22 թուականով գրուած նամակի մը մէջ, որ պապական դիւանին մէջ կը գտնուի ( ԱԶԱ. 122): Աւելցնենք որ յիշեալ թուականին Մելքիսեդեկ Էջմիածին ալ չէր, եւ կալանաւոր էր Շահաբասի ձեռքին տակ, ինչպէս պիտի տեսնենք, եւ պէտք է ըսել, թէ այս անգամ ալ Զաքարիա, իր նուիրակութենէն օգտուելով, Մելքիսեդեկի անունով եւ կնիքով երկրորդ գրութիւն մըն ալ ուղղած է Հռոմ, ինչ որ իրեն դիրքին եւ հետեւած ուղղութեան նպաստաւոր պիտի ըլլար: Ոմանք ինչ-ինչ կցկտուր յիշատակներու հիմնուելով կ՚ուզեն հաստատել, թէ Զաքարիա երկրորդ անգամ Հռոմ գացած ըլլայ 1613 մարտ 22-ի նամակը տանելու համար (11. ԱՄՍ. 73), սակայն այդ թուականին ոչ միայն Մելքիսեդեկ ազատ չէր պապին հետ թղթակցելու, այլեւ Զաքարիա ազատ չէր Կ. Պոլիսէ հեռանալու, ուր իբր պատրիարք Կեսարացիին հետ մրցելու զբաղած էր, եւ զայն հեռացնելէ ետքը, Ասիակողման վիճակներուն վերակացութիւնը ստանձնելով` անոնց այցելութեան ելած էր: Առ առաւելն տեղը մնալով, եւ յանուն Մելքիսեդեկի գիր մը յարմարցնելով, Հռոմ ղրկած է, որեւէ մէկու ձեռքով: Հետեւաբար այդ երկրորդ գրութեան վրայ ալ կարեւոր գրուածի պէս չենք կրնար նայիլ: Թող որ եթէ ուղղակի Մելքիսեդեկէ ալ բղխէր, կաթողիկոսական օգնականի մը եւ շահամոլ անձի մը գրուածը` չէր կրնար ունենալ այն պաշտօնական հանգամանքը, զոր հռոմէականք կը սիրեն անոր ընծայել ( ԱԶԱ. 123): Ի դէպ է այս տեղ յիշել, թէ 1611-ին Շահաբաս իր երկրակալութիւնը ընդարձակելու եւ Վրաց թագաւորութեան հետքերը ջնջելու նպատակով եկած էր Վրաստան, եւ պատերազմով կամ խաբկանօք հեռացուցած էր անոնց իշխանները: Կախեթի թագաւոր Թամրազ` Կովկասի լեռներն էր փախած, իսկ Տփխիսի թագաւոր Լաւասափ` գերի իյնալով սպանուած էր: Թամրազի տղաները ներքինացուելով Պարսից դենին եւ ծառայութեան անցած էին, իսկ անոնց մայրը` Մարիամ թագուհին, ուրանալ չուզելուն համար կտտամահ տանջանքներով նահատակուեցաւ ( ԴԱՎ. 78-110): Օսմանեանք կարծեցին պատեհ առիթ գտնել Պարսից դէմ պատերազմը նորոգելու, եւ 1611 գարունին Գույուճու Մուրատ փաշա, մեծ եպարքոս եւ սպարապետ եւ Ճէլալիներու յաղթականը ( § 1595), Կ. Պոլիսէ մեկնեցաւ հզօր բանակով, եւ Թաւրիզի վրայ գնաց, իսկ Շահաբաս առանց դիմադրութիւն ցուցնելու` առաջարկեց հին հաշտութիւնը նորոգել, որպէսզի նոր տագնապի մը չի մատնուի, երբ ինքն Կովկասի կողմերը կը պատերազմէր, եւ ըստ այսմ խաղաղութեան նոր դաշնագիր կնքուեցաւ 1612էն վեց տարի պայամանաժամով, եւ Պարսիկներէն տարեկան ընծայ մը տրուելու պայմանով ( ՉԱՄ. Գ. 579):

1606. ՄՐՑԱԿԻՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՆԵՐ

Մարտիրոս Վաղարշապատեցի եպիսկոպոսը, որ Էջմիածինէ արտաքսուելուվ գացած էր ( § 1598), այնպիսի տխուր գոյներով ներկայացուց Մելքիսեդեկի եւ Էջմիածինի անխնամ եւ լքեալ վիճակը, որ Երեւանեցի եւ Ջուղայեցի մեծամեծներ, Դաւիթը բռնադատեցին եւ հարկեցին զնա գնալ յԷջմիածին, տիրել եւ հոգալ զշինութիւն նորա խոստանալով ալ թէ մեք օժանդակեմք քեզ յամենայն գործս եւ ի բանս: Այս կերպով Դաւիթ, որ 1604-ի բռնի գաղութէն ի վեր Ասպահան կը մնար, 1612-ին սկիզբները դարձաւ եւ եկաւ եւ Էջմիածին հաստատուեցաւ Մարտիրոս եպիսկոպոսի հետ: Հազիւ թէ զայն տեսաւ Մելքիսեդեկ, ինքն ալ Երեւանը թողուց եւ Էջմիածին եկաւ, որպէսզի իրաւազուրկ չմնայ, սակայն նախանձ, ոխակալութիւն եւ հակառակութիւն բորբոքուեցան Մայրաթոռի մէջ ( ԴԱՎ. 154), եւ նորէն Մելքիսեդեկ զօրացաւ, յինքն կորչեալ գրաւեց իշխանութիւն, եւ որք Մելքիսիդեանք էին` ի չմարդի կալեալ զԴաւիթ արհամարհանօք ունէին զնա: Դաւիթ մահու չափ վշտացեալ, քանի որ Ամիրգունա կուսակալ Մելքիսեդեկը կը պաշտպանէր ( § 1598), պարտաւորուեցաւ նոյնինքն Շահաբասի դիմել, որուն հետ լաւ յարաբերութիւն ունէր, եւ որ Վրաց պատերազմին պատճառով Գորի կը գտնուէր, ուր էր բանակին կեդրոնը ( ԴԱՎ. 155): Շահաբաս լաւ ընդունելութիւն ըրաւ Դաւիթի, լսեց անոր գանգատը, եւ երբ լսեց թէ Սմսակ սաթան Խալիֆան է ( § 1601) Դաւիթը նեղողը, որուն դէմ արդէն ինքն հակակրութեամբ լեցուած էր, միտքը դրաւ առիթէն օգտուելով զայն նեղը դնել: Այդ եղելութեանց կարգին Դավրիժեցին միւս աթոռակիցին` Աւետիսի, ոչ միայն ինչ դեր վարելը չի պատմեր, այլեւ անունն իսկ չի յիշեր: Թէպէտ մենք չենք ուզեր Դարանաղեցիին եւ Քանաքեռցիին յիշատակութեանց հակառակ Աւետիսի գոյութիւնը ուրանալու չափ յառաջել, սակայն չենք ալ կրնար Դավրիժեցիին լռութեան վրայ զարմանքնիս զսպել: Միակ բացատրութիւն կը գտնենք այն պարագային վրայ, թէ Աւետիս Դաւիթի ու Մելքիսեդեկի կամքին դէմ, անկարգութեամբ եւ հակառակ կաթողիկոս եղած էր, ինչպէս Դարանաղեցին ալ կը խոստովանի (11. ԱՄՍ. 69): Իսկ այս վերջին եղելութեանց պահուն, այսինքն 1612-ին, Դաւիթի եւ Մելքիսեդեկի միասին Էջմիածին գտնուած ատեն, թերեւս Աւետիս արդէն հեռացած էր անկէ, վասնզի նոյն միջոցներուն նա գտնուած է Ամիդ ( ԹՈՐ. Բ. 289), եւ քիչ ետքն ալ 1613-ին գացած է Երուսաղէմ` Ջուղայեցի եւ ուրիշ մեծամեծներու հետ, ուր եւ եպիսկոպոսական աստիճան է տուած Գրիգոր Պարոնտէրին, որ Երուսաղէմի աթոռին Վարչութեան գլուխը կը գտնուէր (11. ԱՄՍ. 69): Ամենայն հաւանականութեամբ միեւնոյն 1613 թուականն ալ Դաւիթ Մերտինցիին վախճանած տարին է ( ԲԱՌ. 52):

1607. ՇԱՀԱԲԱՍ ԵՒ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Շահաբասի կեանքին ամենէն նկարագրական պարագաներէն մէկն է, կերպ կերպ կերպարաններու ներքեւ ծպտելով, առանց ճանչցուելու ժողովրդական խաւերու մէջ մտնել, եւ իր գործերուն նկատմամբ եղած կարծիքները եւ դիտողութիւնները հարցնել եւ լսել ու իմանալ: Շատ մը զուարճալի եւ հետաքրքրաշարժ դիպուածներ կը պատմուին իր վրայ այս մասին, ուսկից քանիներ Դավրիժեցին եւ Քանաքեռցին իրենց պատմութեանց մէջ առաջ բերած են: Շահաբասի հետաքրքրութեան առարկայ եղող կէտերէն եւ գլխաւորներէն մին էր, թէ ինչո՞ւ իր Պարսկաստան փոխադրած Հայերը, իր կողմէ այնչափ պաշտպանութիւն ու դիւրութիւն տեսնելէ, եւ բարօրութիւն ու արդիւնաւորութիւն վայելելէ ետքն ալ ( § 1590), տակաւին իրենց Հայաստանին կը փափաքին, ուր պիտի չգտնէին Պարսկաստանի մէջ ունեցած վայելքնին: Իրօք ալ այս միտքը ունէին ոչ միայն տգէտք եւ աննշանք ոմանք, այլեւ նշանաւորք եւ գիտունք ( ԴԱՎ. 151): Իր յանծանօթս պտոյտներուն մէջ այդ բանին գաղտնիքը իմանալ ուզենալով, քահանաներէ ու պառաւներէ, եւ նոյնիսկ բարեկեցիկներէ լսած էր, թէ Հայը չի կրնար զատուիլ Էջմիածինի կաթողիկէէն եւ Լուսաւորչի Աջէն, որ իրեն համար օրհնութեան աղբիւրներն են: Եւ այս պատճառով միտքը դրած էր ոչ միայն Աջը Ասպահան բերել տալ, այլեւ Էջմիածինի տաճարը քակել տալով քարերը փոխադրել, եւ Ասպահանի մէջ վերաշինել, որպէսզի այլեւս Հայաստանի վրայ չմտածեն, եւ աւերեսցի աշխարհն Հայոց, եւ շինեսցի աշխարհն Պարսից ( ԴԱՎ. 150): Ըսող եղած է թէ Դաւիթ կաթողիկոսն ալ զայս բանս եւս ասացեալ է առաջի շահին ( ԴԱՎ. 156): Ըսեր է կամ ոչ, Շահաբաս ուզեց օգտուիլ Մելքիսեդեկի դէմ եղած գանգատէն, եւ առ այժմ գոնէ Աջը Էջմիածինէ հանել: Անգամ մը երբ Նոր-Ջուղայի մէջ խոջայ Նազարին հետ կը պտտէր, անոր կը յայտնէ թէ այսինչ տեղ պիտի փոխադրէ եւ վերաշինէ Էջմիածինի կաթողիկէն: Նազար հազիւ թէ Մայրտաճարը քակելու միտքը կը հեռացնէ ըսելով, թէ շահին քարեր չեն պակսիր իր խորհուրդին կատարման, մինչեւ իսկ ոսկիէ կամ արծաթէ տաճար մը կրնայ կանգնել ( ԴԱՎ. 153), եւ թէ քարերը տեղափոխելու պէտք չկայ:

1608. ՄԵԼՔԻՍԵԴԵԿԻ ԱՐԿԱԾՆԵՐԸ

Դաւիթի եւ Մելքիսեդեկի խնդիրին դառնալով, Շահաբաս հրաման ըրաւ Մելքիսեդեկը ի պատիժս եւ ի տանջանս մատնել, եւ զինքեան իսկ զմարմնոյ զմիսն իրեն ուտեցնել, իսկ Աջը Էջմիածինէն առնելով Գորի ղրկել: Հրամանին գործադրութիւնը յանձնուեցաւ Թահմազղուլի բէկին, որ փոխանորդաբար Երեւանի կուսակալութիւնը կը վարէր, իր հօր Ամիրգունայի բանակին հետ Վրաստան գտնուելուն համար: Թահմազղուլի անմիջապէս Մելքիսեդեկը ձերբակալեց Երեւանի մէջ, եւ Էջմիածին բերելով, սկսաւ չարչարել միւս միաբաններն ալ տագնապաւ խոշտանգէր, ստիպելով որ Աջը յանձնեն, որոնք վերջապէս դարանը ցուցուցին, ուսկից Թահմազղուլի Աջը հանեց եւ առաւ, դարանին մէջ գտնուող ոսկետուփ մեծագին աւետարան մը եւ արծաթեայ խաչ մըն ալ մէկտեղ: Անկէ ետքը Մելքիսեդեկն ու աւանդները առնելով Երեւան կը դառնայ, որ հրամայուած միւս պատիժը գործադրէ բերդին մէջ: Որովհետեւ յօժարակամ չէր կրնար Մելքիսեդեկ իր միսը խածնել եւ ուտել, զայն կռնակի վրայ կը տարածեն, ոտուըներէն ու ձեռուըներէն չորս ցիցերու կը պրկեն, բեւեռաքաշով` այսինքն է աքցանով թեւէն պատառ մը միս կը փրցնեն, եւ բռնի բերնին մէջ կը խօթեն, եւ փատուորներ կը սկսին ծեծել, մինչեւ որ ծամէ ու կլլէ, ուսկից ետքը մունետիկը կաղաղակէ, թէ կատարեցաւ հրաման թագաւորին, եւ Մելքիսեդեկը կապերէն կը քակեն, բայց շղթայակապ կը բանտարկեն շահին ղրկելու համար ( ԴԱՎ. 157): Այս տարադէպ գործերը տեղի ունեցան յաւուրս պահոց փոխման Աստուածածնին ( ԴԱՎ. 158), որուն բարեկենդանը 1612-ին` կը հանդիպէր օգոստոս 9-ին: Մելքիսեդեկի չարչարանքը այսպէս տեղնիտեղօք կը պատմէ Դավրիժեցին, սակայն համբաւը շատ աւելի մեծցուցած է զայն, իբր թէ ուրագով զերկու բէճն, այսինքն ուսերը տաշեցին որպէս զփայտ, ինչ որ լոկ զրոյցէ առնելով գրած կ՚ըլլայ Երզնկացի Ամիրասը ( ՏԱՇ. 355): Չարչարանքին գործադրուելէն ետքը Ղուբաթ Նաջիրլու անուն սպայի մը պաշտօն յանձնուեցաւ, զինուորական պահպանութեամբ Մելքիսեդեկը կապանօք եւ աւանդները սնտուկով Գորի տանիլ Շահաբասին: Սա աւանդները կը զննէ ու կը պահէ, իսկ Մելքիսեդեկը սպաննել պիտի տար. եթէ Ամիրգունայի միջնորդութիւնը չըլլար, բայց առջեւը հանելով կը սպառնայ, եւ շղթայակապ կը պահէ, ետքէն ալ Թահմազղուլի փոխկուսակալին կը ղրկէ, որ աւանդներուն ու Էջմիածինի կաթողիկէին նշանաւոր քարերուն հետ Ասպահան ղրկէ, ուր ինքն կ՚ուզէր դատել Մելքիսեդեկը` պատերազմի դաշտէն հեռանալէն ետքը: Ըստ այսմ ալ կը գործադրուի, Մելքիսեդեկ միշտ շղթայակապ Ասպահան արգելական կը տարուի: Աջն ու աւետարանն ու խաչը Սաֆարի տունը իպահ կը տրուին, Ս. Հռիփսիմէի նշխարներուն հետ, իսկ կաթողիկէին քարերուն առաքումը կը յետաձգուի, մինչեւ որ քակուին, պատրաստուին եւ ծանր կառքերով եւ յարմար եղանակի մէջ կարենան Էջմիածինէ Ասպահան փոխադրուիլ: Դավրիժեցին Մելքիսեդեկին կրած արկածներուն վրայ խորհրդածելով կը գրէ, թէ պարտ է սքանչանալ եւ հիացմամբ զարմանալ ըստ հատուցումն գործոցս, իբր զի այս կերպով անգամ մըն ալ ճշմարտուեցաւ թէ որով եւ մեղանչէ ոք, նովիմբ եւ տանջեսցի: Իսկ Մելքիսեդեկը կը մեղադրէ, նախ բոլոր յոյսը մարդու, այսինքն Ամիրգունայի վրայ դնելուն, եւ երկրորդ Սրապիոնի գլուխը բերած փորձանքներուն համար ( § 1586): Թահմազղուլի բէկ սրբութիւնները ղրկած ատեն Յովհաննէս քահանայի մը յանձնած էր անոնց ընկերանալ, իսկ Ասպահան հասնելուն մեծահանդէս թափօրով եւ եկեղեցական արարողութեամբ կատարուեցաւ անոնց ընդունելութիւնը: Այդ վերջին եղելութիւնները տեղի ունեցան 1613 տարւոյն սկիզբները, եւ ասով կը տեսնուի, թէ Մելքիսեդեկի հնար չէր 1613 մարտ 22-ին ազատօրէն պապին նամակ գրել, եւ Զաքարիա կ՚ըլլայ զայն յարմարցնողը, քանի որ Կ. Պոլսոյ մէջ էր, եւ տեղեկութիւն չունէր հեռաւոր Արեւելքի մէջ եղածներէն ( § 1605):

1609. ՄԵԼՔԻՍԵԴԵԿ ԵՒ ԴԱՒԻԹ

Երբ Շահաբաս Մելքիսեդեկն ու աւանդները ղրկեց, Դաւիթ Գորի կը մնար բանակին մէջ, եւ պատուաւոր դիրք կը պահէր մինչեւ որ Շահաբաս հրամայեց որ երթայ Էջմիածին նստի եւ իր կաթողիկոսութիւնը վարէ: Դաւիթ իրաւունք ունէր Ամիրգունայէ կասկածելու, Շահաբասին դիմեց ըսելով. Թագաւոր իմ, զիս ի խանն ամանաթէ, զիս խանին յանձնարարէ, մինչ խանը կը յայտարարէ թէ ի վերայ գլխոյ իմոյ ունի դա տեղի հանգստեան: Իրօք ալ ցորչափ Շահաբաս Վրաստան կամ Ատրպատական կը գտնուէր, Հայաստանի շրջակաները, Ամիրգունա շատ պատուով կը վարուէր Դաւիթի հետ, բայց երբ նա Ասպահան գնաց ու հեռացաւ, սկսաւ խոժոռիլ, ոչ պատուէր եւ ոչ խօսէր, կամ խրոխտանք խօսէր եւ ձատադէմ երեւէր ( ԴԱՎ. 163): Մինչեւ այն ատեն Մելքիսեդեկ յաջողած էր Ասպահանի Հայերուն միջնորդութեամբ ազատօրէն եւ ընդարձակ ապրիլ, կաթողիկոսութիւն ալ կը վարէր ( ԴԱՎ. 162), Ամիրգունայի հետ գաղտնի կը թղթակցէր, նորէն Էջմիածին դառնալու եւ Մայրաթոռին տիրանալու միջոցներ կը խորհէր, մինչեւ իսկ կը մտածուէր որ Ամիրգունա ի ծածուկ հնարիւք իմն սպանցէ զԴաւիթ ( ԴԱՎ. 163):

1610. ԷՋՄԻԱԾԻՆԻ ՔԱՐԵՐԸ

Այդ եղելութեանց սկիզբներն էր, որ Էջմիածինի կաթողիկէէն 15 նշանաւոր քարեր հանուեցան, որոնք են. 1. Սուրբ սեղանն յորոյ վերայ պատարագն սուրբ մատչէր. 2. Եւ այս սեղանոյս սիւնն. 3. Քրիստոսի իջման տեղեաց քարն. 4. Աւազանն. 5. Մէկ քար ի կողման հարաւային աստիճանէ բեմին. 6. Եւ մէկ քար ի կողման հիւսիսայնոյ աստիճանէ բեմին. 7-10. Չորս քար ի չորից անկեանց եկեղեցւոյն. 11-12. Երկու քարէ մոմտան որ է աշտանակ, եւ 13-15. Երեք այլ որոշ քարինք ի սալայարկ քարանց բեմին: Այս 15 կտորները եդին ի մէջ կաշւոյ եւ կարեցին, զինուորական պահպանութիւն կազմեցին, նորէն նոյն տէր Յովհաննէս քահանայն ( § 1608) հսկող նշանակեցին, Նաղդի բէկ անուն սպայ մըն ալ գլխաւոր դրին, ըստ բաւականի քարանցն սայլեր պատրաստեցին ( ԴԱՎ. 161), եւ գոմէշներ լծելով ճամբայ հանեցին 1614-ին, բայց մինչեւ որ Ասպահան հասան, հայկական ամանորը անցած էր եւ փոխեալ էր տարին ( ԴԱՎ. 162): Այդ ամանորը 1614 հոկտեմբեր 19-ին իյնալուն, իդէպ է ըսել որ 1614-ին վերջերը կամ 1615-ին սկիզբները քարերը հասան Ասպահան, եւ քաղաքին մօտերը` Բաթուն կոչուած մահմետական գիւղին մօտ գտնուող գմբեթին մէջ զետեղուեցան, ուր Հայեր սկսան շարունակ ուխտի երթալ: Քարերը հոն մնացին ժամանակ մը, ըստ ոմանց 2, ըստ այլոց 7, կամ աւելի եւս տարի ( ԴԱՎ. 161), մինչեւ որ Բաթունցիք անոնց ներկայութիւնը իրենց համար չարագուշակ նկատելով, խնդրեցին որ փոխադրուին, եւ հանդէսով տարուեցան Նոր-Ջուղայի մէջ Խօջենց եկեղեցին, ուր Դավրիժեցին աչքովը տեսած եւ համրած է 15 քարերը ( ԴԱՎ. 162):

1611. ՓՈՒԹԿԱՅ ԱՐԿԱԾՆԵՐԸ

Քանի կը յառաջանար Հայերուն Պարսկաստանի մէջ տեղաւորուիլը, հետզհետէ կը նուազէր Շահաբասի անոնց նկատմամբ գործածած համակիր ընթացքը, եւ զանազան առիթներով խստութեանց կը ձեռնարկէր, մահմետական մոլեռանդութիւնն ալ խառնելով: Շահաբասի բռնի տարած գաղթականութենէն ետքը, կամաւոր գաղթականութեան հոսանք մըն ալ սկսաւ Ճէլալիներու յելուզակութեանց երեսէն ( § 1593), եւ զանազան կողմեր փախչող Հայերուն մէջէն թեւ մըն ալ Պարսկաստան եկած էր, եւ ապաւինած Երեւան, Գանձակ, Թավրէզ, Արտաւիլ, եւ շրջակայ գաւառներ: Շահաբաս անոնք ա'լ աւելի ներսերը փոխադրեց, եւ գլխաւորաբար Ասպահան եւ Ֆահրապատ գաւառները, եւ յատկապէս Փութկայ կամ Գէչգունի աւանը: Այս գաղթական խումբին վրայ վերակացու նշանակած էր Շահաբ աղան, եւ իրեն օգնական Ուզուրլու բէկ, եւ իրենց ձեռքին ներքեւ եղող երկու բաժիններու վրայ մէյմէկ հայ մելիքներ, Մուրատ Ղըրխեալան եւ Յովսէփ Ղարապաշ: Քիչ ատենէ այդ խումբը չքաւորութեան մէջ ինկաւ, ունեցածը ծախեց ու վատնեց, եւ պարտաւորուեցաւ արքունի առատաձեռնութեան դիմել: Շահաբաս հաւանեցաւ օգնել, բայց ոչ նուիրատուութեամբ, այլ փոխատուութեամբ, եւ տուաւ Ղարապաշի բաժինին 300 եւ Ղըրխեալանի բաժինին 100 թուման, պայմանով որ 3 տարիէ փոխը վճարեն առանց տոկոսի, եւ ով որ չկարենայ վճարել, պարտաւոր ըլլայ կամ մահմետական ըլլալ եւ կամ իր զաւակները տալ, մանչերը 4 եւ աղջիկները 3 թուման հաշուով: Այդ փոխատուութիւնը եղած էր 1608-ին, եւ Շահաբաս լռեց մինչեւ 1613, եւ ուր ուրեմն սկսաւ պահանջել, Ուղուրլու բէկին պաշտօն տալով գանձումներն ընել: Հայեր ոչ միայն փոխը չշահեցուցին, այլ առածնին կերան եւ վատնեցին, եւ վճարման ատեն յուսահատութեան մատնուեցան, անոր համար Դավրիժեցին սիրտին ցաւէն արբշիռ, անագորոյն, անիմաստ, անասնաբարոյ, եզնաբարոյ կը կոչէ այդ անհեռատես Հայերը ( ԴԱՎ. 112): Հարկապահանջ պաշտօնեաներ եւ զինուորներ, կը բռնադատէին, չարչարէին, կախէին, հարկանէին, բանտարգել առնէին. ժողովուրդին ունեցածն ալ` անոնց պէտքերուն ծախսուեցաւ, եւ եղան իսպառ աղքատ եւ չքաւորք ( ԴԱՎ. 113): Աղաչանքներ եւ պաղատանքներ անօգուտ եղան Շահաբասը ողոքելու, որ պահանջատէրի իրաւունքով ի դատաստան առ դատաւորս դիմել կը պատասխանէր: Խեղճ Հայեր զաւակնին ու ընտանիքնին հաւաքելով Շահաբասի առջեւ տարին իբրեւ վճարման գին, այլ սա լաց ու կոծէն ազդուածի պէս, չուզեց կենդանի վճարները ստանալ, եւ առաջարկեց, որ միւս պայմանը գործադրուի, այսինքն է մահմետականութիւն ընդունին ( ԴԱՎ. 115): Ահագին շփոթ եւ աղմուկ յառաջ եկաւ այդ պատճառով, զինուորներ կը բռնադատէին եւ կը խոշտանգէին, Հայեր կ՚ընդդիմանային եւ կ՚ողբային: Այդ նեղ ժամուն օգնութեան հասաւ լատին եպիսկոպոս մը, անունը անծանօթ մնացած, որ Հայերը կրօնքի հաստատութեան յորդորելով, գաղտնապէս 200 թուման վճարեց Ղարապաշի խումբին եւ 50 թուման Ղըրխեալանի խումբին, եւ մնացածին համար ալ պայմանաժամ ուզելով կացութիւնը հանդարտեցաւ ( ԴԱՎ. 116). բայց շուտով խռովեցաւ: Ղարապաշի խումբէն երկու Հայեր, Բաղդասար եւ Ախիջան, իրենց մելիքէն տասնական թուման կը պահանջէին, սպառնալով որ թագաւորին լուր կու տան թէ Ֆռանկ եղան, որ այնպէս դրամնին ճարեն: Թէպէտ մելիքն ու գլխաւորներ խնդրեցին համբերել, որ արքունի պարտքէն ետքը իրենց ալ վճարեն, անոնք չանսացին, եւ անհիմն մատնութիւնը ըրին, իրենք ալ իսլամացան եւ թլփատուեցան: Շահաբաս բարկանալով սկսաւ Ղարապաշ մելիքը յանդիմանել, որ եթէ դրամի համար հաւատափոխ չէիք ըլլար, ինչոflւ Ֆռանկ եղաք, եւ մէկ կերպով չհամոզուեցաւ անոր յայտարարութեանց, թէ ոչ եմք դարձեալ, այլ կամք ի հաւատն մեր, եւ ամէն կերպ խստութիւն հրամայեց գործածել, մինչեւ որ մահմետականութիւն ընդունին: Յովսէփ Ղարապաշը գլխիվայր կախելով այնչափ բրածեծ ըրին, որ եղեւ անշունչ իբրեւ զմեռեալ, եւ իր ժողովուրդն ալ սկսան անխնայ չարչարել, հարկանել եւ վիրաւորել, ի կախաղանի եւ յորսայս, ի շղթայս եւ ի կոճեղս, ի բանտս եւ յարգելանս, սովով եւ ծարաւով, եւ այս զբազում աւուրս, եւ վերջապէս բռնութեամբ ի վայր կոխեալ թլփատէին, եւ կիսամեռ խեղճերուն բերնէն հաւանութիւն առնելով, աւետիս տարին Շահաբասի, թէ հրամանը կատարուեցաւ, եւ նա ուրախանալով իւրաքանչիւր տան գլուխ երեքական թուման պարգեւ բաշխել տուաւ ( ԴԱՎ. 118):

1612. ՓՈՒԹԿԱՅԻ ՄԻՒՍ ԲԱԺԻՆԸ

Ասոր վրայ կարգը միւս բաժինին եկաւ, բայց Մուրատ Ղըրխեալան շուտով տկարացաւ եւ յանձնառու եղաւ իսլամանալ, իսկ իր ժողովուրդին համար յայտարարեց, թէ ոչ իրմէ, այլ Բաղդասար քահանայէն կախում ունի: Այս խօսքը լսուածին պէս, Բաղդասար իր ժողովուրդը հսկումի հաւաքեց, ցայգապաշտօն կատարեց, պատարագեց, եւ ժողովուրդը հաղորդեց, եւ երբ առտուն խնդրակներ եկան, արիաբար անոնց հետեւեցաւ: Շահաբաս սաստիկ բարկութեամբ սկսաւ սպառնալ, առիւծներու յօշոտել տալ եւ շուներու կերակուր ընել, եթէ յանձն չառնու կրօնափոխ ըլլալ: Քահանայն հանդարտօրէն կը պատասխանէ. Եթէ ասես ինձ` իմովք կամօքն դառնալ յիմոցս հաւատոց, ես կամօք իմովք ոչ դառնամ, եւ թէ բռնութեամբ դարձուցանես, ոչ է այդպէս հրամայեալ քեզ օրինադիրն քո. եւ թէ վասն պարտուց քոց ասես եւ խնդրես, զյոլովն տուեալ եմք, եւ որ ինչ մնացեալ է զայն եւս այսօր եւ ի վաղիւն վճարեմք ( ԴԱՎ. 120): Շահաբաս, որ իր բռնապետական գործերուն մէջ լաւ կողմ մը կը պահէր, յուզուեցաւ Բաղդասարի իմաստուն պատասխանէն, զգաց անոր ոյժը, պահ մը լռեց, եւ յետոյ հրամայեց. Գնացեալ տար զմնացեալ պարտսն քո, եւ այսպէս Ղըրխեալանի խումբը ազատեցաւ յերկուց վտանգից, ի տանջանաց եւ յուրացութենէ: Ասոր վրայ լատին եպիսկոպոսը ներկայացաւ եւ իրաւունք պահանջեց Շահաբասէ, որ եթէ Ղարապաշի բաժինը ուրացութեան հպատակեցուց, ուրեմն դրամը պահելու իրաւունք չունէր, եւ Շահաբաս ետ դարձուց 200 թումանը: Կ՚երեւի թէ ներքնապէս ալ ցաւեցաւ Շահաբաս գործածած խստութեան համար, վասն զի այլեւս չծանրացաւ բռնի ուրացող խումբին վրայ, որոնք շարունակեցին քրիստոնէի կեանք վարել առաւել հաստատուն քան զառաջինն, վասն խղճմտանաց ուրացութեան, եւ հրապարակաւ կատարել եկեղեցական պաշտամունք, մկրտութիւն, թաղում, հաղորդութիւն եւ այլն, եւ մահմետականացն ոչինչ փոյթ էր, այնպէս որ Դավրիժեցին կը վկայէ թէ որդիք նոցին ամենեքեան քրիստոնեայք են այժմ: Իսկ մելիք Մուրատ Ղըրխեալան, պատճառանք մը յարմարցնելով Թաւրիզ, եւ անկէ Երուսաղէմ գնաց ընտանեօք, եւ անդ քրիստոնէաբար ապրեցաւ, եւ որովհետեւ արհեստիւ քարագործ էր, մինչեւ կեանքին վերջը վանքին համար աշխատեցաւ առանց վարձու, եւ ինքն ու կինն ալ հոն մեռան ու թաղուեցան ( ԴԱՎ. 122): Փութկայ կամ Գէչգունի արկածները` 1613-ին սկսելով մինչեւ 1614 տեւած էին:

1613. ՇԱՀԱԲԱՍ ԵՒ ԴԱՒԻԹ

Այդ միջոցին, ինչպէս առիթ ունեցանք յիշելու, Դաւիթ կաթողիկոս կը մնար Էջմիածին, եւ Մայրաթոռի մէջ կը պաշտօնավարէր, թէպէտ Ամիրգունայէ լաւ աչքով չէր նայուած: Իսկ Մելքիսեդեկ կը մնար Ասպահան, եւ նա ալ այդտեղ իբր կաթողիկոս կը գործէր, թէպէտ Շահաբասէ չ՚արտօնուած ( § 1609): Իսկ Աւետիսի համար չենք գիտեր, թէ ոflւր գացեր էր Երուսաղէմի մէջ ձեռնադրութիւն կատարելէն ետքը ( § 1606), զի միայն շատ աւելի ուշ Էջմիածին գտնուիլը գիտենք, առանց կարենալու երբ եկած ըլլալը ճշդել: Այսպէս անցան քանի մը տարիներ, մինչեւ Թուրքաց նոր արշաւանքը Պարսից դէմ, հրամանատարութեամբ Օքուզահմատ փաշայի ( ԴԱՎ. 161), որ է մեծ եպարքոս Էօքիւզ Մէհմէտ փաշան, որ 1615 մայիս 22-ին Կ. Պոլիսէ մեկնեցաւ, բայց ձմեռը Հալէպ անցուց, եւ 1616 գարնան բացուելուն կամաց կամաց յառաջացաւ, Նախիջեւանը գրաւեց 40 օր պաշարելէ ետքը, քանի մը յաղթութիւններ ալ տարաւ Պարսիկ զօրավարներու վրայ, եւ եկաւ Երեւանը պաշարել ( ԺՈՒ. 200): Շահաբաս անձամբ եկաւ քաղաքին պաշտպանութեան, եւ իր բանակը հաստատեց Գառնիի լեռները, ուսկից Օսմանեան բանակը նեղեց, Երեւանի պաշտպանութիւնը վարող Նեհավենտ զօրավարն ալ լաւ դիմադրեց, ձմեռուան ցուրտն ալ վրայ հասաւ, եւ Էօքիւզ Մէհմէտ ձեռնթափ Կարին դարձաւ ( ԴԱՎ. 200): Այդ պատեհէն օգտուեցաւ Դաւիթ դարձ գիտելոյ խանին, այսինքն Ամիրգունայի, Շահաբասի մօտ երթալ, եւ նորէն գանգատիլ Ամիրգունայի ընթացքին եւ Մելքիսեդեկի գրգռութիւններուն մասին: Շահաբաս նպաստաւոր կերպով ընդունեցաւ գանգատը, բայց քաշուեցաւ Ամիրգունայի դէմ բան մը ընել, որ կարող եւ օգտակար պաշտօնեայ մըն էր, եւ բոլոր ցասումը Մելքիսեդեկի վրայ դարձնելով` Չէրքէզ Իբրահիմ սպային հրամայեց, որ իսկոյն երթայ զայն իրեն բերէ Ասպահանէ, մինչ Մելքիսեդեկ պտոյտի ելած էր: Իբրահիմ ետեւէն գնաց, եւ Գանդիման գաւառի Քաթակ գիւղը գտաւ զայն, եւ շղթայի զարնելով իջեցուց Ասպահան, անկէ ալ բերաւ Վայոցձոր, ուր եկած էր Շահաբաս Գառնիէ դառնալով: Դաւիթ տակաւին Շահաբասի հետ կը մնար, եւ տեսնելով որ նա Մելքիսեդեկը շղթայակապ պահելով գործը կը ձգձգէ, եւ անմիջական նպաստաւոր որոշման յոյս չկայ, խիթալով ալ նորէն Էջմիածին դառնալ, հրաման խնդրեց Ասպահան երթալ, եւ Շահաբաս արտօնեց, Ջղախառ գաւառի Ֆռընտիկան գիւղի հասոյթն ալ իրեն դարման կենաց պարգեւելով: Դաւիթի մեկնիլը կրնանք դնել 1617 տարւոյ սկիզբները: Իսկ Շահաբաս հետզհետէ եկաւ Վայոցձորէ Նախիջեւան, ուր վաղանցուկ եղած էր Օսմանեանց գրաւումը, եւ անկէ ալ Ագուլիս որ է Գողթն ( ԴԱՎ. 165): Ինչպէս կը տեսնուի այս միջոցին Մայրաթոռը բոլորովին անտէր անտէրունջ կացութիւն մը ունեցաւ, Դաւիթ Ասպահան քաշուած, Մելքիսեդեկ շղթայակապ բանտարկուած, եւ Աւետիս թափառող աստանդական: Արդէն լքեալ եւ ամայացեալ Էջմիածինը` աստիճան մը եւս աւրուելու եւ քանդուելու ճամբուն մէջ մտած էր արդէն մայր տաճարն ալ կիսակործան կերպ մը առած էր 15 կտոր գլխաւոր քարերու վերցուելովը ( § 1610), եւ ով գիտէ որչափ ուրիշ աւերածներ ալ գործուած էին անոնք հանելու համար:

1614. ԱՆԴՐԷԱՍ ԱԳՈՒԼԵՑԻ

Շահաբաս կը սիրէր ամէն կողմ համակրական ցոյցեր տեսնել, ուստի ժողովուրդն ալ կրցածին չափ հանդէսներ կը պատրաստէր անոր գալուն կամ անցնելուն, բոլոր ժողովուրդը մեծով ու պզտիկով զայն կը դիմաւորէր, զարդարուն զգեստներով, ծաղիկներով եւ մրգեղէններով զինքը կը պատուասիրէր, բուրումներ կը ծխէր, իսկ գուսաններ եւ երգեցողներ արուեստական նուագարաններով կը նուագէին եւ ընտրեալ վայելչահասակ ու գեղեցկատես երիտասարդներ եւ աղջիկներ զգինին ոսկի բաժակաւ մատուցանէին շահին: Եկեղեցական դասակարգն ալ շուրջառ եւ շապիկ հագած, խաչալամ եւ աւետարան բարձրացուցած, խնկօք եւ մոմեղինօք, զանգակով եւ ծընծղայիւք եւ երգելով գնային մինչեւ որ շահը հասուցանէին յիւր իջեւանն ( ԴԱՎ. 274): Ագուլիս հասած ատենն ալ այդ ամէնը կատարուեցան, ուր դպրատան վերակացու եւ ուսուցիչ էր Անդրէաս Ագուլեցի երիտասարդ եւ ուսեալ քահանայ մը: Ինչպէս կ՚ըլլայ, Շահաբաս կը դիտէ զի ածիլեալ էին կուլակք մանկանցն, եւ միտքը կը դնէ թէ ասիկա նպատակով ըրած են, որ տղաքը տգեղացնեն, որպէսզի չըլլայ թէ ինքն հաճեալ ի նոսա առնիցէ ի նոցանէ, ինչ որ կը ցուցնէ թէ այսպիսի բաներ ալ կ՚ընէ եղեր: Կուլակ ըսուածը եկեղեցականներուն գագաթին վրայ, աւելի կամ նուազ մեծութեամբ ածիլուած բոլորակ մասն է, որ Լատիններու հետեւողութեամբ սկսած է գործադրուիլ, երբ ձեռնադրութեան մաշտոցին փոփոխութեամբ` խուզումն հերաց արարողութիւնն ալ մտած է Հայոց մէջ, թէպէտ ոչ միշտ եւ ոչ ամէն տեղ գործադրուած: Ընողը գտնելու համար տղոց վերակացու քահանան հարցափորձի կ՚ենթարկեն, եւ նա ուրիշը ձեռք չտալու համար ինքզինքը կ՚ամբաստանէ: Ասոր վրայ կը բանտարկեն, եւ կրկին կը հարցուփորձեն, բայց իրմէ զատ ուրիշ մը չցուցնելուն համար, գետինը տարածելով սաստիկ կը գանակոծեն, եւ ուրացութիւն կ՚առաջարկեն գլխապարտութենէ ազատելու համար: Անդրէասի յանձն չառնելուն վրայ երկար կը փորձեն սպառնալիքներով եւ խոստումներով, միջնորդութիւններ ալ ընդունելի չեն ըլլար, նոյնիսկ չի լսուիր Ցղնացի խօջա Անձրեւի կնոջ աղաչանքը, որում մայր էր ասացեալ շահն: Վերջապէս մահուան վճիռը արձակեց Շահաբաս, եւ ամբոխով տարին Անդրէասը կատարման տեղը, ուր շատեր, եւ նոյնիսկ երիտասարդ քահանային ծնողքը, զինքը արիութեան կը յորդորէին: Հոն ալ շատ մը սպառնական եւ ահացուցիչ ձեւերէ ետքը, վերջապէս պատառեցին զորովայնն եւ ծակեալ զջիլս սրունից ոտիցն պարանով գլխիվայր կախեցին, ուր կենդանի մնաց մինչեւ ի մուտս արեւուն, եւ կախաղանին վրայ հոգին աւանդեց 1617 նոյեմբեր 18-ին, որուն համեմատ տրէ 10 ամսաթիւը հաստատուն տոմարով է գրուած: Մարմինը պահ մը անթաղ թողուելէ ետքը, քրիստոնեայք արտօնուեցան վերցնել, եւ թաղեցին Ագուլիսի մէջ Խցաձորի եկեղեցւոյ բակը ( ԴԱՎ. 277):

1615. ՄՈՎՍԷՍ ԵՒ ՊՕՂՈՍ

Երեք ամիսի չափ Անդրէաս քահանայի նահատակութենէն, եւ դեռ ձմեռնային եղանակը չէր անցեր, որ է ըսել 1618 փետրուարի մէջն էր, եւ Շահաբաս ալ տակաւին Ագուլիսի կողմերը կը գտնուէր, երբ խօսակցութեան կարգին, քրիստոնէից թշնամի Ագուլեցի Շահռուզ բէկ, կը յիշէ թէ Անդրէասի ըրածը Տաթեւ գտնուող Մովսէս վարդապետի թելադրութեամբ եղած է, եւ թէ Աստապատ գտնուող Պօղոս վարդապետ մըն ալ միեւնոյն ուղղութեամբ կը գործէ: Շահաբաս իսկոյն կը հրամայէ երկուքն ալ ձերբակալել եւ բերել: Մովսէս վարդապետ Տաթեւացին յիշած ենք արդէն ( § 1603), որ Կեսարացի Գրիգորի 1611-ին երկրորդ անգամ Երուսաղէմէ Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան գալուն միասին եկած էր, եւ 1612-ին անոր Կեսարիա քաշուած ատեն ( § 1614) անկէ բաժնուած էր, իր հայրենիքին մէջ աշխատելու համար: Մովսէս Տիարպէքիրի մէջ իր առաջին վարդապետին Սրապիոն կաթողիկոսի գերեզմանին այցելելէ, եւ Վան ու Թավրիզ հանդիպելէ ետքը, Տաթեւ եկած եւ այնտեղ նոր վանական կեանք եւ գործունէութիւն հաստատելու կ՚աշխատէր ( ԴԱՎ. 219), ուրկէ ստացած է Տաթեւացի մակդիր անունն ալ, որով սովորաբար կը կոչուի, թէեւ բնիկ Խոտանանցի էր, Սիւնեաց աշխարհէն ( ԴԱՎ. 217): Մովսէսի գլխաւոր նպատակներէն մին ալ էր գիւղեր եւ քաղաքներ պտտելով քարոզել եւ խրատել, եւ բարոյական ու քրիստոնէական կենցաղ վերարծարծել, որ իսպառ ինկած եւ աղաւաղուած էր ժամանակին ձախորդութիւններուն եւ եկեղեցականութեան անկումին պատճառով: Սոյն նպատակի համար գլխաւոր տեղեր դպրատուններ կը բանար, եւ շրջականերէն ալ տղաքներ կը հաւաքէր եւ ուսուցիչներ կը կարգէր, ինչպէս եղած էր Ագուլիսի դպրոցն ալ ( ԴԱՎ. 273), որուն վերակացուն էր Անդրէաս նահատակ քահանան ( § 1614): Այս աշխատութեան կ՚ակնարկէր Ագուլեցի Շահռուզը` Մովսէսի վրայ խօսելով: Անոր համանման կերպով աշխատող մըն էր Պօղոս վարդապետն ալ, բնիկ Մոկացի, Բար գիւղէն, Վարագայ վանքը Կարապետ Ձագ վարդապետի աշակերտած, եւ անկէ ետքը ինքզինքը քարոզութեան նուիրած, նոյնիսկ Թավրիզ քաղաքի մէջ ժամատուն բացած, եւ եկեղեցիներ նորոգելու աշխատած: Գողթան գաւառին վրայ առանձինն ջանք էր թափած, ուր մեծ հռչակ հանած էր Ցղնայի առաքելաշէն եկեղեցւոյն փակեալ դուռներուն հրաշալի բացումովը ( ԴԱՎ. 204): Իր շրջագայութեանց մէջ ժամանակ մըն ալ Աստապատ մնացած էր, ուր Ալթուն Աւետիքը գող կրօնաւորներուն սպանութիւնէն ետ կեցուց ( § 1599), եւ անկէ ետքն ալ միշտ լծակից եւ աշխատակից եղաւ Մովսէս Տաթեւացիին` քարոզութիւնը ընդարձակելու եւ դպրոցներ բանալու ձեռնարկին մէջ, ինչպէս յանուանէ կը յիշուին Շոռոթի եւ Աստապատի դպրոցները ( ԴԱՎ. 273): Այս երկուքն էին որոնց ձերբակալման հրամանը տուաւ Շահաբաս:

1616. ՏՈՒԳԱՆՔԻ ՎՃԱՐՈՒՄ

Խնդրակներ շատ դժուարութիւն չքաշեցին, զի շարունակ հրապարակի վրայ էին երկու վարդապետներն ալ: Երկուքն ալ ձերբակալեցին, վիզերնին անցուցին օղամանեակ զուգեալ ի փայտից, եւ ոտուըներնուն երկաթ ոտնակապ, եւ յաւուրս ցրտութեան ձմերայնոյ Շահաբասին բերին: Նա առաջ կը մտածէր այդ երկուքն ալ նահատակել, բայց հարկաւ ցնցուած պիտի ըլլար Անդրէաս քահանայի եղերական պատահարէն, որ միտքը փոխեց, եւ տուգանքի ձեւը նախընտրեց, խորհելով թէ այս կերպով լինի աւելի օգուտ մեզ, եւ վնաս նոցա: Տուգանքի քանակը 500 թուման նշանակեց երկուքին համար, բայց նոյնիսկ իր նախարարներուն միջնորդութեամբ 300 թումանի իջեցուց ( ԴԱՎ. 278): Վարդապետները անկար եւ չքաւորք էին, ուստի արտօնութիւն ստացան զինուորներու հսկողութեամբ հանգանակութեան ելլել, եւ շուտով յաջողութիւն գտան իրենց սրբակեաց համբաւովը, որով ամէնքը անխնայաբար թափէին զինչս եւ զողորմութիւնս առաջի վարդապետացն: Հանգանակութիւնը մինչեւ 700 թուման արդիւնաւորեց, որով ոչ միայն տուգանքը, այլ եւ ինչ որ այսր անդր խարճ գնաց վճարեցին, եւս եւ բազում գերիք եւ բանտարկեալք եւ դատապարտեալք ազատեցան վարդապետներուն շնորհիւ ( ԴԱՎ. 279): Մովսէս եւ Պօղոս ազատութիւն ստանալով իրենց տեղերը դարձան, եւ իրենց առաջին քարոզութիւնները շարունակեցին, մինչ Շահռուզ Ագուլեցին քիչ օր ետքը սպանուեցաւ, ինչ որ ըրած մատնութեան աստուածային պատուհասը նկատուեցաւ ( ԴԱՎ. 279): Մելքիսեդեկ կաթողիկոս ալ տուգանքի համար կալանաւոր էր, բայց վարդապետներուն պէս բախտաւոր չեղաւ: Շահաբաս Ագուլիսէն ելլալով Դանղի եւ անկէ Ասպահան եկաւ, եւ Մելքիսեդեկ կապանօք շրջէր ընդ բանակի արքայի, անոր որոշման սպասելով: Քաշած նեղութիւններէն ազատելու համար, քանիցս դիմում ըրած էր, որ եթէ մահուամբ եւ եթէ կենօք վերջ տայ իր տառապագին վիճակին: Իսկ Շահաբաս յայտարարած էր, ոչ սպանանեմ եւ ոչ թողում մինչեւ որ որոշեալ տուգանքը վճարէ: Որոշուած գումարն ալ 300 թուման էր, երեք յանցանքներուն համար հարիւրական թուման, մէկը` Ս. Հռիփսիմէի նշխարքը կառշառքով ծախելը ( § 1599), միւսը` անհրաման Մուշկունէ ետ դառնալը ( § 1588), եւ երրորդը` իւրովի Ասպահանի մէջ կաթողիկոսութիւն վարելը ( § 1609): Մովսէս եւ Պօղոս վարդապետներուն տուգանքին համար առատաձեռն եղող Հայերը, անտարբեր կը մնային Մելքիսեդեկի նկատմամբ, եւ ոչ միայն Պարսիկ մեծամեծներ, այլեւ Հայ իշխաններ` Նազար, Սուլթանում, Միրվէլի եւ Հայկազն, իրեն հասկցուցին, թէ ուրիշ եղանակ չկայ իրեն, այլ պարտիս տալ եւ զերծանիլ ( ԴԱՎ. 166): Վերջին յուսահատութեան մէջ Մելքիսեդեկ առաջարկեց թագաւորին, որ ուզած տուգանքը կալանաւոր մնացած ատենը ճարել անհնար ըլլալուն, եթէ ազատ թողուի եւ կաթողիկոսութիւնը վարել արտօնուի, յանձն կ՚առնէ տարեկան հարիւր թուման վճարել թագաւորին: Այս առաջարկը առաւել շահաւոր երեւցաւ Շահաբասին, ուստի կատարեց զխնդրանս նորա, կաթողիկոսութիւնը վարելու հրովարտակ տուաւ, շղթաներէն արձակեց, եւ թողուց որ երթայ եւ խոստացած գումարը հաւաքէ եւ վճարէ ( ԴԱՎ. 167): Դավրիժեցին դիտել կու տայ թէ կերպ կերպ պատմուած են 100 թուման տարեկան հարկին պարագաները, ոմանք կ՚ըսեն թէ միայն երեք տարուան համար, եւ ուրիշներ թէ մշտնջենաւոր էր Մելքիսեդեկի առաջարկը. եւ դարձեալ թէ միայն իր ազատութեան համար առաջարկած էր, իսկ ուրիշներ` կաթողիկոսութեան կացութիւնը դժուարացնելու դիտմամբ, գործած էր կ՚ըսեն: Հարկաւ յստակ յօդուածներով որոշ գծուած գործ մը չէր, բայց տեւական եւ տաժանելի բեռ մը եղաւ աթոռին վրայ: Իսկ Մելքիսեդեկի ձեռքը զօրաւոր զէնք մը եղաւ, համարձակօրէն շրջելու եւ ժողովուրդին վրայ բռնանալու, նոյնիսկ արքունական արտօնութեամբ ( ԴԱՎ. 168): Հազիւ թէ ազատութիւն գտաւ, յաղագս ժողովքի շրջագայութեանց ձեռնարկեց, նախ Տփղիս անկէ Թաւրիզ, անկէ Ասպահան ( ԴԱՎ. 169), ուր կը գտնուէին ունեւոր ազգայինները:

1617. ՄԷԼՔԻՍԵԴԵԿ ՀԱՐԿԱՀԱՆ

Այս կերպով տարօրինակ կացութիւն մը սկսաւ Մայրաթոռի մէջ 1618-էն սկսելով, երբ Մելքիսեդեկ նոր յանձնառութեամբ կաթողիկոսութեան տիրացաւ: Գրեթէ երկու տարի էր որ Դաւիթ Էջմիածինէ Գորի մեկնած էր ( § 1613), եւ անկէ ալ Ասպահան քաշուած, եւ Մելքիսեդեկ կալանաւորուած, որով անտէրունջ կը մնար Մայրաթոռը: Հաւանաբար այդ կացութիւնն էր որ Ամդեցի Մելքոն դպիր 1617-ին գրած աւետարանը կը նշանակէր ի յանհայրապետութեան ժամանակի ազգիս Հայոց ( ԹՈՐ. Բ. 418): Այս անգամ տէր մը կը ստանար, բայց աւելի բռնաւոր եւ կեղեքիչ հարկահան մը, որ ոչ Մայրաթոռ կը նստեր, եւ ոչ Մայրաթոռ կը հոգար, այլ թափառական ուր որ Հայ կը գտնուէր կամ ուր տեղէ դրամ շորթելու յոյս ունէր` հոն կը դիմէր` իրեն հետ ունենալով պետական պաշտօնէից եւ զինուորաց խումբ մըն ալ, որոնք մէկ կողմէն իրենց ծախքովը ծանրանային ի վերայ ժողովրդեանն, եւ կաթողիկոսին ակնարկին վրայ ով ալ ըլլար, եպիսկոպոս թէ աբեղայ, երէց թէ աշխարհական, կախէին յոտիցն եւ բրածեծ առնէին, մինչեւ ըստ կամաց իւրեանց առնուին դրամս ( ԴԱՎ. 167): Դավրիժեցին Ղուլեր, այսինքն է Քուլլեր, որ է ստրուկներ կը կոչէ Մելքիսեդեկի հետեւորդ խաժամուժը, իբր պետական ծառաներ, որոնք անոր հետ շրջելով իրենց զուարճութեան եւ քսակին կ՚աշխատէին, եւ ոչ Մելքիսեդեկի հասոյթին, այնպէս որ երբ Մելքիսեդեկ արդէն 800 թուման վճարած եմ կ՚ըսէր, Շահաբաս կը յայտարարէր, թէ եւ ոչ մի փող չէ հասեր իրեն: Մելքիսեդեկ դրամ հաւաքելու նպատակով ոչ միայն անասելի բռնութիւններ կատարելու չէր խղճեր, այլեւ բազում անկարգութիւնք եւ օրինազանցութիւնք կաշառքով կը ներէր համարձակ, ինչպէս են, անարժանից ձեռնադրութիւն` եթէ եպիսկոպոսաց եւ եթէ քահանայից, վանքերու վիճակները մէկէն կտրել եւ միւսին շնորհել, կնաթողութիւն, երկակնութիւն, ամուսնութեանց համարձակ հրաման, եւ որ սոցին նման բազում անկարգութիւնք. Մելքիսեդեկ մինակ ալ չէր այդ գործերուն մէջ, այլ իր եպիսկոպոսներն ալ թեւ թեւ ելած, նոյնը կը գործէին մանր քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ, մինչ ինքը իրեն պահած էր գլխաւորները, ինչպէս Ասպահան, Թաւրիզ, Նախիջեւան, Երեւան, Տփղիս, եւ այլն ( ԴԱՎ. 170): Երբ առաջին տարին լրացաւ 1619-ին, Շահաբաս հարիւր թումանը գանձելու պաշտօնով Զիալ, Ասաթ, Չրաղ եւ Բեհրամ բէկերը ղրկեց Մելքիսեդեկի վրայ, որ չի կրցաւ պահանջը վճարել, եւ այս չորսն ալ աւելցան Մելքիսեդեկի վրայ, եւ նստէին ի վերայ կաթողիկոսին ծառայիւք եւ երիվարօք իւրեանց. եւ զամենայն պիտոյս իւրեանց` զկերակրոց եւ զայլ կարեաց ի կաթողիկոսէն առնուին ( ԴԱՎ. 169), եւ զկենցաղավարութիւնս իւրեանց զեղխութեամբ եւ շռայլութեամբ վարէին, այնպէս որ կաթողիկոսին հաշուոյն փոխառութիւններ կ՚ընէին յոլովակի յայլազգեաց, եւ այս պարտքերն ալ հարիւր թուման մուքաթային կամ տարեկան հարկին վրայ կը բարդուէին ( ԴԱՎ. 171): Շուրջ վեց տարուան ժամանակամիջոց մը պիտի հաշուենք այդ եղկելի կացութիւնը 1618-էն մինչեւ 1624:

 

1618. ԱՒԵՏԻՍԻ ՎԱԽՃԱՆԸ

Թէպէտ Մելքիսեդեկ Ա. Գառնեցի պետական հրովարտակով կաթողիկոսութեան տէր էր եղած, այլ իր կանոնական կացութիւնը օգնական եւ աթոռակից ըլլալէ աւելի չէր, քանի որ բուն գահակալը Դաւիթ Դ. Վաղարշապատեցին` իր դիրքը կը պահէր եւ իսկական կաթողիկոսն էր, Ասպահան քաշուած: Թէպէտ կայր ի բացեայ, այլ նոյն շրջանակին մէջ պաշտօն կը վարէր, եւ մնացածին համար իբր զգազան կապեալ ի գառագեղի, սպասէր եւ ըղձայր դիպող ժամու ( ԴԱՎ. 167): Իսկ միւս աթոռակիցն Աւետիս Ա. միշտ մոռցուած ու անյիշատակ կը մնայ Դավրիժեցիին պատմութեան մէջ, որ լիագոյն եւ հաւատարմագոյն պատմիչն է, իսկ Դարանաղեցիին յիշատակները քաղողներ կը գրեն, թէ Երուսաղէմէ ետքը գացած է Էջմիածին, առանց յայտնելու թէ 1613-է քանի տարի ետքը, եւ անկէ Վրաստան, եւ թէ անդ եղեւ վախճան նորա 1620-ին (11. ԱՄՍ. 69): Հակառակ ասոր նոյն Դարանաղեցին իր Աստուածաշունչի յիշատակարանին մէջ ( ԴՐՆ. ) կը գրէ, թէ կատարեցաւ կատարումն գրոցս ի մեծ թվականիս Հայոց Ռ. եւ Հ. եւ Ա., նոյեմբեր ամսոյ Է., եւ քաղոց Թ., ի հայրապետութեան Հայոց տեառն տէր Աւետիսին, որ այժմ յաջորդէ զաթոռ Սրբոյն Գրիգորի Լուսաւորչին մերոյ, ուսկից կը հետեւի թէ 1622 նոյեմբեր 7-ին չէր վախճանած, եւ ոչ թէ Վրաստան, այլ Էջմիածին կը գտնուէր: Յիշուած հռոմէական եւ հայկական ամսաթիւերը իրարու չեն համեմատիր, զի անշարժ տոմարով նոյեմբեր 7, սահմի 29 է, իսկ շարժական տոմարով քաղոց 9, փետրուար 22 է, եւ պէտք է անճշդութիւնը վերագրել Դարանաղեցիին տոմարական սխալին: Իսկ Աւետիսի մասին վկայած ատեն ինքն իրեն կը հակասէ. եւ չենք գիտեր ինչ եզրակացութեան յանգիլ Աւետիսի գործունէութեան եւ վախճանին նկատմամբ: Քանաքեռցի պատմիչին անցողակի յիշատակութեան համեմատ, Աւետիս կը գտնուէր Երեւան, Ամիրգունա խանին մօտ, երբ Մեխլու բաբայ կամ բեռնակիր աբեղայ կոչուած խաբեբային գործը կը քննուէր ( ԶԱՔ. Ա. 50): Թէպէտ նա խաբեբան խայտառակեց, սակայն երբ զայն ջուրի մէջ խեղդելու վճիռ տուաւ Ամիրգունա, աղերսանօք կաթողիկոսին խաբեբան ազատեցաւ, եւ երբ սահմանէն հեռացուելու համար խաբեբան Քանաքեռ կը հանդիպէր, կ՚ըսուի թէ էր անդ ի Քանաքեռ եւ կաթողիկոսն ( ԶԱՔ. Ա. 53): Սակայն այդ չափը չի բաւեր Աւետիսի Էջմիածին գտնուած տարին ճշդելու, վասնզի պատմիչը թուական չի նշանակեր, իսկ Ամիրգունա շատ կանուխէն Երեւանի կուսակալ էր, 1604-ին Պարսի տիրապետութեան նորոգուելէն ի վեր: Հետեւապէս այդ կողմէն ալ պիտի չկարենանք Աւետիսի մահուան թուականը ճշդել: Միւս կողմէն լոյս մը կ՚առնենք Մովսէս Տաթեւացիի նամակէն, ուր կը յիշուի Կեսարացիէն Մելքիսեդեկին գրուած յանդիմանագիրը, ուսկից օրինակ մը 1615 օգոստոս 27-ին Մեծ Անապատ է բերուեր, եւ կարդացուեր է սեպտեմբեր 19-ին, որ է Խաչի երեքշաբթին, Հայկազն իշխանի այնտեղ շինել տուած եկեղեցւոյն նաւակատիքին առթիւ: Այդ թուականին կ՚ըսուի թէ Աւետիսն կայ ի Էջմիածին եւ ասուիս զգեցեալ, որ է ըսել կրօնաւորական ձեւ առած, եւ կը վկայուի թէ յԵրուսաղէմայ գալն փոքրիշատէ աստուածավախութիւն տեսաք ի նմա (11. ԱՄՍ. 67), ինչ որ կը ցուցնէ թէ առաջ շատ աստուածավախութիւն չունի եղեր: Ամէն առիթի մէջ, պէտք է 1620 եւ 1624 տարիներու միջոցին մեռած կարծել, եւ աւելի հաւանաբար Էջմիածինի մէջ, ուր նորէն եկած եւ նստած պէտք է ըլլայ, երբ Դաւիթ ու Մելքիսեդեկ բացակայ կը գտնուէին: Աւետիսը ոչ իբրեւ գահակալ, այլ իբրեւ աթոռակից կաթողիկոս պիտի նկատուի, առանց բացատրել կարենալու թէ ինչու իր մասին այսչափ յամառ եւ կամաւոր լռութիւն կը պահէ Դավրիժեցին: Ոչ ծագումը, ոչ անուանումը, ոչ արժանիքը, ոչ գործունէութիւնը եւ ոչ ալ վախճանը ստոյգ կերպով հաստատուած ըլլալուն, որոշ գնահատում մըն ալ չենք կրնար ընել իր վրայ, եւ աննշանակ գոյութեան մը յիշատակով կը փակենք իր վրայ եղած ծանօթութիւնները:

1619. ՍԱՐԳԻՍ ՊԱՐՈՆՏԷՐ

Երբոր եկեղեցւոյ պետ ճանչցուող անձերը այդպիսի ստոր կացութիւն եւ դորովելի նկարագիր կը ցուցնէին, եւ եկեղեցւոյ պաշտօնական դրութիւնն ալ անոնց երեսէն հետզհետէ խղճալի վիճակ մը կը ներկայացնէր, մխիթարական երեւոյթ մըն է տեսնել, որ աստ եւ անդ վանքերու մէջ առանձնացած հոգեսէր եկեղեցականներ, անհատական ճիգերով կը սկսին եկեղեցական բարեկարգութեան աշխատիլ, ժողովուրդին բարոյականը բարձրացնելու ճիգեր կ՚ընեն, եւ դառն ու եղկելի ժամանակներուն ներածին չափ փոքրիշատէ ուսումն ալ տարածելու եւ դպրոցներ բանալու անձնանուէր ճիգեր կը թափեն: Այս կարգին մէջ նախապատիւ տեղ մը պիտի տանք Սրապիոն Եդեսիացի վարդապետին, որ անցողական կերպով Գրիգոր ԺԳ. կաթողիկոս ալ եղաւ ( § 1584): Գովութեամբ պիտի յիշենք Սրապիոն Օձտեղացի վարդապետը որ Բաբերդի Վահանաշէն վանքին մէջ կը գործէր ( § 1596), իսկ վախճանին վրայ տեղեկութիւններ կը պակսին: Նոյնպէս Կարապետ Ձագ վարդապետը որ Վանայ Վարագ վանքը ( § 1615) աշակերտներ եւ վարդապետներ հասցնելու կ՚աշխատէր, եւ մեծ գաղութին ատեն Ասպահան գնաց այցելութեան, եւ հոն վախճանեցաւ ու թաղուեցաւ ( ՀԱՅ. 610): Ասոնցմէ աւելի նշանաւոր եղան Մովսէս Տաթեւացի եւ Պօղոս Մոկացի վարդապետներ, որոնք արդէն յիշեցինք ( § 1615): Ասոնց հետ արդիւնքով եւ հռչակով պայծառացաւ նաեւ Սարգիս Պարոնտէր Սաղմոսավանքի եպիսկոպոս եւ Մեծ-Անապատին առաջնորդը: Սարգիս բնիկ էր Արագածոտն գաւառի Յարենի գիւղէն, որ Կարբիի մօտ էր եւ այժմ է աւերակ: Սաղմոսավանքի աշակերտած եւ այնտեղ յառաջացած, մինչեւ եպիսկոպոս եւ առաջնորդ ալ եղած էր, եւ կ՚երեւի թէ ինքն ալ անոնցմէ մէկն էր, որոնց խենէշ եւ խաբուսիկ վայելչութիւն աշխարհիս ախորժելի կու գար: Արագածի վրայ երէներու ետեւէն պտտող որսորդ մը, քարանձաւի մը մէջ մեռած ճգնաւորի մը հանդիպելով եպիսկոպոսին իմաց կու տայ, որ զայն գտնելով պատուով կը թաղէ, բայց դիպուածը մեծ տպաւորութիւն կը գործէ Սարգիսի վրայ, որ այն օրէն կ՚որոշէ հեռանալ յաշխարհէ եւ հետեւիլ առաքինական վարուց ( ԴԱՎ. 190): Իր նպատակին իրագործման համար Հայաստանի մէջ պէտք եղած ուղեցոյցը չգտնելուն, իր դիտումը նւիրագործելու համար Երուսաղէմ ուխտի կ՚երթայ: Հոն իր ետեւէն կը հասնի Կիրակոս Պոնտացին, Տրապիզոնի այրի քահանան, որ նոյնպէս հոգեւոր կեանքի եռանդ զգացած եւ Սարգիսի օրինակէն քաջալերուած, անոր հետ միանալու միտքը յղացած էր ( ԴԱՎ. 191): Երուսաղէմ հասնելնուն որոշ թուականը չունինք, միայն Դարանաղեցիէ ( ԴՐՆ. ) կը քաղենք, որ 1606-ին Երուսաղէմ եղած ատեն հոն հանդիպած է համշիրակ եղբօր մերոյ` կամաւոր աղքատին տէր Սարգիս եպիսկոպոսին Սաղմոսավանեցին, եւ Տրապիզոնցի կամաւոր աղքատին տէր Կիրակոսին, որոնք այնտեղ կը գտնուին 1607 փետրուար 2-ին ալ: Երուսաղէմի մէջ Սարգիս ու Կիրակոս իրարու հետ միակամ եւ միաբան եւ միախորհուրդ կ՚որոշեն կրօնաւորական բարեկարգութեան աշխատիլ, եւ Երուսաղէմի վանքերուն մէջ իմացածնին ու սորվածնին Հայաստանի մէջ գործադրել, ուր եւ քիչ ետքը կը դառնան: Յարմար տեղ մը ճարելու համար կը դիմեն Սիւնիք, վանքերու եւ կրօնաւորութեան աւանդական կեդրոնը, եւ Տաթեւ, Ձորովանք կամ Ցրուանց ու Թանահատ քիչ քիչ մնալէ ետքը, կը նախընտրեն Տաթեւի հին Անապատը կամ Հարանց-Անապատը, եւ զայն կը նորոգեն եւ կը կազմակերպեն, որ անկէ ետքը աւելի կը ծանօթանայ Մեծ-Անապատ անունով ( ԴԱՎ. 192): Այդ հաստատութեան թուականը 1608-էն ետքը թողուլ յարմար չենք սեպեր, թէպէտեւ ոմանք մինչեւ 1610 կը յետաձգեն ( ՉԱՄ. Գ. 563):

1620. ՄԵԾ ԱՆԱՊԱՏԻ ԳՈՐԾԻՉՆԵՐ

Շուտով կը հռչակուի Մեծ-Անապատին համբաւը, եւ ամէն կողմէ աշակերտներ եւ գործակիցներ կը հաւաքուին Սարգիսի եւ Կիրակոսի շուրջը, եւ մինչեւ իսկ անուանի արք, վարդապետք, եպիսկոպոսք եւ քահանայք, եկին եւ յարեցան ի նոսա: Այս կարգին յիշատակութեան արժանի են Պօղոս Մոկացի եւ Մովսէս Տաթեւացի վարդապետներ, որոնց արդիւնաւոր գործունէութենէն եւ արկածներէն ինչինչ պատմած ենք ( § 1615), եւ ինչինչ ալ տակաւին պիտի պատմենք: Ասոնք առանց իրենց քարոզչական շրջագայութիւնները դադրեցնելու, Սարգիսի եւ Կիրակոսի մեծ օգնականներն եղան, դուրսէն նպաստներ հասցնելով, խորհուրդներ տալով եւ ուսուցչութիւն ընելով, ու ատեն ատեն Մեծ-Անապատը քաշուելով եւ անապատական կեանքի հետեւելով: Անապատին հիմնարկողներուն կարգին պիտի յիշենք նաեւ ոչ կրօնաւոր մէկ մը, Ջուղայեցի Հախնազարի որդի Հայկազն իշխանը, որուն անունը անգամ մը տուինք ( § 1616), եւ զոր զինուորական քաջութեանը համար Շահաբաս շատ սիրեց, եւ կացոյց զնա իշխան երկրի, հանեալ ի պատիւ մեծութեան ( ՀԱՅ. 619): Հաւանաբար Հայկազնի իշխանութեան սահմանը Սիւնեաց երկրին կողմն էր, որ դիւրութիւն ունեցաւ պաշտպան կանգնիլ Սարգիսի հաստատութեան, եւ ինչպէս անապատին աշակերտներէն Ներսէս Մոկացի կը վկայէ, անապատի սիւն լինէր գրգէր, գթով հայրական ( ՀԱՅ. 619): Հարկաւ Հայկազնի պաշտպանութեան շնորհիւ էր, որ Մելքիսեդեկ երբ միւս վարդապետները կը հալածէր, Սարգիսի գործին չկրցաւ երբեք արգելք դնել: Անապատի աշակերտներուն մէջ նշանաւորագոյն եղաւ Ներսէս Մոկացի վարդապետը, Մոկք գաւառի Ասկնջաւս գիւղէն, Բեղլու մականուանեալ, որ է Պեխաւոր, զի մեծ էր բեղն ( ԴԱՎ. 30), յառաջագոյն Ամրտօլու Բարսեղ Գաւառցիին աշակերտած ( § 1504), եւ Անապատի մէջ ալ զարգանալէն ետք, պահ մը նոյնտեղ ուսուցչութիւն ըրած, եւ անկէ մեկնելով նոր անապատ մը հաստատած է Լիմ կղզիին մէջ, որ շատ բարգաւաճ եղաւ Ներսէսի առաջնորդութեան ներքեւ, իսկ անոր 1627-ին վախճանելէն ետքը իրեն յաջորդած է Ստեփանոս Մոկացի, նա ալ Անապատի աշակերտութենէն: Ստեփանոսի օրով Լիմայ միաբաններուն տարապայման աճելուն համար, մաս մը բաժնւած եւ Կտուցի մէջ նոր անապատ մըն ալ հաստատած են ( ԴԱՎ. 191): Անապատի միաբաններէն են նաեւ, Թովմաս Տաթեւացի` որ ետքէն Շամախու վիճակին եպիսկոպոսն ու առաջնորդն է եղած, Կարապետ Վաղարշապատեցի եպիսկոպոսը` որ Էջմիածինէ վտարուելով Սեւան ապաւինած էր ( § 1598) եւ անկէ Մեծ-Անապատ քաշուեցաւ. Արիստակէս Շամբեցի` որ Սարգիսի մահուանէ ետքը Մեծ-Անապատին առաջնորդն եղաւ. Արիստակէս Բարկուշատցի` որ Տանձափարախի անապատին հիմնադիրն ու առաջնորդն եղաւ. Դաւիթ Շամքոռեցի` Ղարամանենց ազնուական տունէն` որ Չարեքագետի Անապատը հիմնեց եւ վիճակին եպիսկոպոսն եղաւ. եւ այլք բազումք եւ յոլովք, որոնք այնու աւելի արդիւնաւոր եղան, որ Անապատին մէջ վարժուելէն ետքը, բարեկարգութեան գործը ընդարձակեցին, եւ յայլուրեք գնացեալ շինեցին անապատս եւ վանօրայս ( ԴԱՎ. 192):

1621. ՄԵԾ-ԱՆԱՊԱՏԻՆ ԿԱՆՈՆՆԵՐԸ

Կարեւորութենէ զուրկ չենք դատեր Մեծ-Անապատին մէջ պահուած կրօնաւորական կենցաղին համառօտ նկարագիրը քաղել, եւ Հայոց մէջ այդ միջոցին կազմուած վանական կեանքին կանոնները ճշդել: Առօրեայ կեանքերնին սովորաբար առանձնական էր: Միայն կալ եւ ժուժել ի խցի, եւ միայն ի սեղանն մարմնաւոր եւ ի տեղի աղօթից ի միասին գալ: Կը յիշուի նաեւ ի մարմնաւորաց գործոց կոչնակն միասին հաւաքուիլ. բայց թէ ինչ տեսակ աշխատանքներ էին այդ մարմնաւոր գործերը` որոշակի չէ յիշուած: Անհատական ստացութիւնը արգելեալ էր, եւ կանոն էր ամենայն ինչ հասարակաց լինել: Առաջնորդին կը պատկանէր իւրաքանչիւրին պէտքը հոգալ եւ ինչ որ պէտք ըլլայ բաշխել, իսկ միաբանը իր խուցին մէջ յատուկ ուտելիք կամ ուրիշ բան ալ պիտի չպահէր: Հնազանդութեան օրէնքը խիստ էր, եւ պէտք էր թողուլ զկամս իւր եւ լինել հնազանդ եւ կատարող կամաց առաջնորդին: Կերակուրը յօրն մի անգամ էր ի բոլոր տարին, գինին ու միսը իսպառ արգելուած, եւ հանապազօր պահք, շաբաթ եւ կիրակի եւ տէրունական օրերէն դուրս: Միսը իսպառ արգելուած ըլլալով` պէտք կ՚ըլլայ պահք չեղող օրերը նաւակատիք իմանալ, իսկ տէրունական օրերն ալ տօնական պատշաճով զատել: Կերակուր եւ միրգ` ամէնուն միաչափ պիտի բաշխուէր ի մեծէ մինչեւ ցփոքունս, եւ պիտի ուտէին լռելեայն. ուտելու ատեն ալ սովորութիւն էր գիրս ընթեռնուլ, որ քիմքին հետ միտքն ալ զբաղի: Ընթերցման գիրքը բացարձակապէս Աստուածաշունչ չյիշուելուն, սուրբ հայրերու գիրքերն ալ հարկ կը լինի իմանալ: Զգեստի մասին վերջի ատեններ եկեղեցականներ սկսած էին վեղար եւ փիլոն միայն ի ժամ աղօթից գործածել, իսկ անկէ դուրս իբրեւ զաշխարհականս շրջէին, ուստի որոշուեցաւ միշտ եկեղեցական զգեստով շրջիլ, աբեղայն փիլոնաւն եւ վեղարաւն, քահանայն փիլոնաւն, եւ պարզ միայնակեացը քուսիթայիւն եւ քառակուսովն: Քուսիթայն կը բացատրուի թէ է գլխոյ թօփի, այսինքն է գլխանոց մազեղէն կամ թաղեայ, եւ հաւանաբար սրածայր, իսկ քառակուսին արտաքին զգեստ մը պիտի ըլլայ, որուն ձեւը ճշդել դժուար է: Կրօնաւորական զգեստը կը լրացնէին` ցփսի կամ մազեղէն ի ներքոյ զգեստուցն ի վերայ մերկ մարմնոյն, եւ շապիկ երկայն պճղնաւոր մինչեւ ցոտն, որ կապայի պէս բան մը պիտի ըլլայ, եւ գօտի մաշկեղէն: Իսկ իբր նիւթ` ամէն ագանելի պիտի ըլլար ասուեղէն, եւ ոչ բամբակեղէն, որ բեհեզ կամ պէզ ալ կը կոչուէր, եւ պճնութիւն կը սեպուէր: Քահանայից գլխանոցը չէ յիշուած, եւ քանի որ վեղար չունէին, քուսիթա գործածելնին կը հետեւի: Ժամերգութիւնները ամբողջաբար կը կատարէին ըստ իւրաքանչիւր ժամուն զատ զատ, այսինքն ի մէջ գիշերի, առաւօտուն, արեւագալին, երրորդը, վեցերորդը եւ իններորդը իրարմէ որոշ, նոյնպէս մնացեալներն ալ: Գիշերային ժամէն ետքը Յայսմաւուրք կը կարդացուէր պատշաճ շարականով մը, եւ առաւօտեան եւ երեկոյեան ժամերէն ետքը գիրս խրատականս կը կարդային: Միանգամայն ութը կանոն սաղմոս անխափան կը քաղուէր ամէն օր ժամերու վրայ բաժանմամբ: Շաբաթ եւ կիրակի եւ տէրունական օրերն հսկում էր բոլոր նախընթաց գիշերը: Գիշերին ժամուն կ՚աւելնային Յիշեսցուք եւ այլն ձայնիւ, կանոնագլուխ ձայնիւ, հանգստեան շարական եւ աւետարան, եւ քաղուածք շարականաց: Հսկումէ ետքը պատարագ կը մատչէր անխափան դպրօք եւ սարկաւագօք, իւրաքանչիւրը իր ծիսական զգեստով: Պէտք էր մինչեւ պատարագին վերջը, այսինքն մինչեւ Իբրեւ ճաշեցին աւետարանը, ահիւ եւ դողութեամբ աղօթել, եւ գիտել ի սրտի թէ զինչ աղօթեն: Պատարագէ վերջն ալ ժամ մի առանձինն աղօթք պիտի ըլլար, եւ անկէ ետքը ճաշ: Իսկ իբր բարեպաշտական կանոն, պէտք էր պահել զմիտս եւ զխորհուրդս` սուրբս յամենայն անմաքուր մտածութեանց հոգեկանաց եւ մարմնականաց, եւ յամենայն աւուր յայգն եւ յերեկոյն խոստովանիլ անխափան զյանցուածս եւ զմտածութիւնս աւուրն, բայց որոշ չէ թէ հրապարակային էր այդ խոստովանութիւնը: Ասոնք ընդհանուր կանոններ էին, որոնց միաբանները պէտք էր հնազանդէին իբրեւ օրէնք, որովհետեւ ուխտադրութեան յիշատակութիւն չենք գտներ բնաւ, եւ ասով կը տարբերէին Արեւմտեայց կրօնաւորութենէն: Ասոնցմէ զատ իւրաքանչիւր միաբան զծածուկ առաքինութիւնս ալ ունէր, ոմանք ոտնակացութեամբ, ոմանք պահոց պնդութեամբ, ոմանք արթնակացութեամբ, ոմանք արտասուահեղութեամբ, ոմանք լռակացութեամբ, ոմանք հիւանդաց սպասաւորութեամբ, ոմանք այլ կերպիւ ( ԴԱՎ. 195-197): Այդ նկարագիրէն կը տեսնուի թէ շատ զօրաւոր էր ճգնողական վերացեալ կեանքը, սակայն ինչպէս առաջ ըսածներէս ( § 1620) եւ ուրիշ շատ մանրամասնութիւններէ կը քաղուի, գործնական կեանքն ալ խնամով մշակուած էր, մանաւանդ ուսմամբ եւ քարոզութեամբ եւ ժողովուրդի հոգածութեամբ, որուն համար նոր ճիւղեր ալ կը հաստատուէին:

1622. ԳՈՐԾԻՉՆԵՐՈՒ ՄԱՀԸ

Վարչական տեսակէտէն Սարգիս Պարոնտէրն էր Մեծ-Անապատին հոգաբարձու ի մարմնաւոր կողմանէ, եւ այս պաշտօնը իրեն վրայ մնաց մինչեւ իր մահը: Իսկ գրոց ուսուցիչ էին Կիրակոս Պոնտացի քահանան, որ միշտ տէր Կիրակոս կը կոչուի, եւ թէպէտ այրի, բայց կ՚երեւի թէ վարդապետութեան աստիճան չէ առած, եւ Պօղոս Մոկացի, Մովսէս Տաթեւացի, Ներսէս Մոկացի, ու Թովմաս Տաթեւացի վարդապետները: Առաջին երեքը շրջուն կեանք ունէին, իսկ վերջին երկուքը բազում ժամանակս Սարգիսի հետ մնալէ ետքը, Քշտաղք կամ Աղահէճք գաւառը քաշուեցան եւ Հօչանք գիւղի մօտ նոր անապատ մը բացին ( ԴԱՎ. 198): Թէ Սարգիսի եւ թէ Կիրակոսի կեանքն ու գործունէութիւնը միակերպ ձեւ մը կը ստանան վանական շրջանակի մէջ, որով պատմուելու մանրամասնութիւններ կը պակսին, եւ վախճաննին ալ գրեթէ միաժամանակ տեղի կ՚ունենայ մէկ տարուան միջոցին, թէպէտ հայկական երկու տարեթիւերու մէջ, այսինքն է ՌԿԹ եւ ՌՀ, առաջինին վերջերը Սարգիս, եւ երկրորդին սկիզբները Կիրակոս ( ԴԱՎ. 198): Աւելցնենք թէ Հայ թուականին նոր տարւոյն սկիզբը 1620 նոյեմբեր 17-ին կ՚իյնար: Ներսէս Մոկացի իբրեւ նշանաւոր պարագայ մը կը յիշէ, թէ չորս կարգէ եղող Անապատի հիմնարկուները, իշխանն ընդ վարդապետ, հայրապետն եւ առանձնական, միեւնոյն ի հազար եւ եօթանասուն Հայոց թուին, այսինքն 1621-ին վախճանած են ( ՀԱՅ. 622): Հայրապետը Սարգիսն է, եւ առանձնականը Կիրակոս, զոր յիշեցինք, եւ իշխանն ալ Հայկազն Հախնազարեանն է, որուն վրայ խօսեցանք ( § 1620), եւ ուրիշ տեղեկութիւն չունինք աւելցնելու իր գործունէութեան եւ մահուան վրայ: Կը մնայ վարդապետը, որ է Պօղոս Մոկացին, զոր պարզապէս սուրբ կը կոչէ Դավրիժեցին, իր օրինակելի վարքին, քարոզչական գործունէութեան, կրած հալածանքներուն եւ ի կենդանութեան եւ յետ մահուան հրաշագործութիւններուն համար, եւ որուն գործունէութենէն ինչինչ յիշատակներ ( § 1615), եւ 1618-ին Շահաբասէ տուգանքի ենթարկուիլը պատմեցինք ( § 1616): Միեւնոյն տարին Մելքիսեդեկ ալ ազատութիւն ստացաւ Շահաբասէն, եւ կաթողիկոսութեան տիրացաւ 100 թուման տարեկան տուրքի պայմանով ( § 1617):

1623. ՊՕՂՈՍ ՄՈԿԱՑԻ

Մելքիսեդեկ, որ տուրքին վճարման համար դրամ հաւաքելու կը շրջէր, իրեն գործին արգելիչ նկատեց Պօղոսը, որ իր քարոզութիւններով բարեգործական նուիրատուութիւններու կը յորդորէր ժողովուրդը, ուստի ամէն ջանք եւ միջոց գործածեց զայն լռեցնելու: Կանուխէն ալ սպառնացած էր վարդապետին թէ ելցես յերկրէ մերմէ, եւ գնասցես յերկիր քո ուստի եկեալ ես. իբր զի Մոկք Աղթամարի կաթողիկոսութեան կը պատկանէր, եւ թէ ոչ է պիտոյ մեզ խաբեբայ եւ նորահանակ քարոզութիւն քո ( ԴԱՎ. 207), այլ վերահաս պատահարներ, լռեցուցած էին կալանաւոր Մելքիսեդեկը, եւ Պօղոս համարձակ շարունակած էր: Բայց երբ ազատութիւն ստացաւ, կրկին սկսաւ Պօղոսը հալածել, եւ Նախիջեւանի մէջ անոր հանդիպելով, դարձեալ հրամայեց իր սահմանէն ելլել, թէ ոչ կ՚ըսէր, զամենայն եկեղեցիսդ` զոր դու շինեցիր, ի վերայ գլխոյ քո քակեցից ( ԴԱՎ. 207): Պօղոս յուսաբեկ կ՚ուզէր հեռանալ, բայց Շամբ գիւղի մէջ, իրեն հիացողներ թող չտուին, ընդհակառակն յորդորեցին Շահաբասին դիմելով արտօնագիր ստանալ. ուստի ուղղուեցաւ դէպի Աղուանք, ուր կը գտնուէր թագաւորը: Արազբար գիւղի մէջ, այլազգիի մը հիւր եղաւ, եւ անոր ամուլ կինը օրհնեց, որ միւս տարին զաւակ ունեցաւ: Քօթուկլու գիւղին մէջ Շահաբասի ներկայանալով, փափաքուած արտօնագիրը ստացաւ, սակայն Մելքիսեդեկ նոր զրպարտութիւններով զայն Ամիրգունայի ամբաստանեց, որ թէպէտ վարդապետը ձերբակալեց, այլ Պօղոսի խօսքերէն եւ գործերէն գրաւուելով, զայն պատուեց, եւ Մելքիսեդեկի հրամայեց հաշտուիլ: Սա տեսնելով որ այդ եղանակը չյաջողեցաւ, Թաւրէզի իշխան Ղառչղայ ( ԴԱՎ. 215) կամ Ղաբչղայ խանին դիմեց ( ՀԱՅ. 620), եկեղեցական եւ աշխարհական ընկերներ ալ մէկտեղ տանելով, բայց այնտեղ ալ կատարումն գործոյն եղեւ որպէս եւ առ Ամիրգունայ խանին կատարեցաւ ( ԴԱՎ. 215): Այդ եղելութիւններ տեղի ունեցան միեւնոյն 1615 տարին ( ՀԱՅ. 620): Այդ առթիւ Ներսէս Մոկացին կաթողիկոսունք երկու կը յիշէ իբրեւ հակառակորդ ( ՀԱՅ. 620), իսկ Դավրիժեցին Սահակ կաթողիկոսի անունն ալ կու տայ ( ԴԱՎ. 216): Սակայն 1618-ին Սահակ դեռ կաթողիկոսացած չէր, եւ Դաւիթ ալ Ասպահան քաշուած էր, իսկ Աւետիսի գոյութիւնը երկու պատմողներն ալ կ՚անգիտանան, եւ պէտք է ըսել թէ Մելքիսեդեկ միայն էր գործողը, եւ Սահակ, որ յետոյ կաթողիկոս եղաւ, իրեն գործակիցն էր: Մելքիսեդեկ տակաւին չհանդարտեցաւ, եւ Պօղոսի վրայ բռնացաւ, եւ որովհետեւ Մելքիսեդեկի պետական հանդերձանքը եւ զինուորական հետեւորդները ամէնուն սարսափ ազդած էին ( § 1617): Պօղոս մնաց անճար եւ անօգնական եւ ձեռագիր տուաւ ոչ շրջիլ եւ ոչ քարոզել, եւ թէ զայսոսիկ առնեմ, լինեմ ես թշնամի թագաւորին: Ասոր վրայ քաշուեցաւ Մեծ-Անապատ, եւ հոն կայր միակեցութեամբ ( ԴԱՎ. 215), մինչեւ իր կեանքին վերջը 1621-ին, ուր վախճանեցաւ, միւս երեքին` հայրապետին, առանձնականին եւ իշխանին հետ միեւնոյն տարին ( ՀԱՅ. 620):

1624. ԿԵՍԱՐԱՑԻՆ ԵՒ ՄԵԼՔԻՍԵԴԵԿ

Էջմիածինի կողմը կատարուած եղելութեանց կապակցութիւնը չխզելու համար, պարտաւորուեցանք ետեւ թողուլ Կոստանդնուպոլսոյ կողմը հանդիպածները, ուր 1613-ին նոր բաշխում մը կատարած էին Խուլն ու Վանեցին ու Դարանաղեցին իրենց մէջ, եւ Խուլն եղած էր պատրիարք հռչակուողը ( § 1604): Կեսարացին նորէն Կեսարիա քաշուած, երբեք ձեռքէ չէր թողած պատրիարքութեան հետապնդումը, եւ իր հակառակորդ խումբը տապալելու միտքերը, ինչ որ շատ դժուար բան չէր, քանի որ բոլոր մրցումը պետական շրջանակները շահելով կը կատարուէր: Այս մասին մեծ նշանակութիւն ունէին պետական պաշտօնեաներու մտերիմ եղող ազգայիններ, երբ պետական պաշտօնեաներն ալ յարափոփոխ վիճակ ունէին: Կեսարացին անգամ մըն ալ Խուլը եւ իրենները տապալելով եկաւ ու պատրիարքութիւնը գրաւեց, իսկ թուականը ճշդելու համար կը լուսաբանուինք Մելքիսեդեկի ուղղած իր գրութենէն, ուր իշխանական ոճ մը կը գործածէ, զոր չէր կրնար գործածել` եթէ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքական աթոռին վրայ չըլլար: Այդ գրութեան բուն թուականը յիշուած չէ, ոչ անոր թերի պատճէնը հրատարակողին ( ԹՈՐ. Բ. 279), եւ ոչ ամբողջական օրինակը տեսնողին կողմէ (11. ԱՄՍ. 67), բայց միայն կ՚ըսուի թէ 1615 օգոստոս 27-ին պատճէնը Հայաստան հասած էր, եւ հարկաւ անկէ առաջ գրուած էր, անկէ ալ առաջ գոնէ 1615-ին սկիզբները Կեսարացին պատրիարքական աթոռը նորէն գրաւած պիտի ըլլար: Իսկ 1615-ին սկիզբները Կեսարացիին Մելքիսեդեկի կծու գրութիւն մը ուղղելուն շարժառիթը մեկնելու համար` պէտք է յիշենք, որ այդ միջոցին Մելքիսեդեկ Ասպահան կը գտնուէր եւ համարձակօրէն այն կողմերը կաթողիկոսութիւն կը վարէր, եւ միանգամայն Դաւիթը Էջմիածինէ հեռացնելով, նորէն Մայրաթոռը ձեռք անցընելու կ՚աշխատէր ( § 1610): Իր նպատակին յարմար առիթ կարծած է Օսմանեանց նոր արշաւանքի պատրաստութիւնները Պարսից դէմ ( § 1613), եւ հետեւաբար անոնց յաղթութեան հաւանականութիւնը: Ուստի Երեւանի ու Էջմիածնի նորէն Օսմանեանց տիրապետութեան անցնիլը նախատեսելով, կանխած է Կոստանդնուպոլիս դիմումներ ընել, որ զինքն կաթողիկոս ճանչնան, եւ ոչ Դաւիթը: Այդ դիմումը ըրած կ՚ըլլայ Խուլ Յովհաննէս պատրիարքին վրայ վստահելով, որուն հետ համերաշխ եւ մտերիմ էր, սակայն նոյն միջոցին Խուլին իյնալովը եւ Կեսարացիին բարձրանալովը, այս վերջինը, որ երբեք համակիր չէր Մելքիսեդեկի, տարբեր կերպով կը պատասխանէ անոր: Ժամանակակից պարագաներու բաղդատական ուսումնասիրութիւնն է, որ այդ կապակցութիւնները մեզի կը թելադրէ, քանի որ կցկտուր յիշատակներով պատմութեան շարքը կազմել կը պարտաւորուինք:

1625. ԿԵՍԱՐԱՑԻԻՆ ԳԻՐԸ

Կեսարացիին գրութեան վերջին մասը` պարզօրէն կը յայտնէ անոր նպատակը, եւ կը հաստատէ մեր բացատրութիւնը: Եթէ զայս առնես, կ՚ըսէ, կու ընդունինք զքեզ որպէս զուղղափառ կաթողիկոս, եւ թէ ոչ, դու գիտես ( ԹՈՐ. Բ. 295): Ուրեմն Մելքիսեդեկը ընդունելու կամ չընդունելու կէտն էր խնդիրին էութիւնը եւ գրութեան շարժառիթը: Կեսարացին կը գանգատի թէ եկեղեցական կարգերը խանգարած եւ անկարգութեան մատնուած են թուլամորթ առաջնորդներու երեսէն, եւ կը յաւելու, թէ եւ ի քեզ իսկ կերեւի այս թուլամորթութիւնս, եւ կ՚անցնի ի բազմացն զսակաւն եւ զգլխաւորսն յիշել: 1. Ի վերայ եպիսկոպոսի, կ՚ըսէ, եպիսկոպոս կու օրհնես վասն արծաթասիրութեան, մէկ թեմի երկու եւ երեք, չորս եւ հինգ եպիսկոպոս ձեռնադրեալ ես, եւ կ՚աւելցնէ թէ նա անարժաններու ալ այդ աստիճանը տուած է: Կը յիշէ Մրգիկ մը, որ ի Մուշ թուրքացեր էր, եւ Կարապետ Պռկնտօշը, որ հոռոմ դարձաւ, եւ հոռոմ կին էառ, եւ եօթն տարի ի հետ այն կնոջ կեցաւ, այսու հանդերձ երկուքն ալ Մելքիսեդեկէ եպիսկոպոս ձեռնադրուած էին ( ԹՈՐ. Բ. 281): 2. Կ՚ըսէ. Յինչ երկիր որ նուիրակ յուղարկես, նա կու ընտրես յորտեղ որ չար եւ լիրբ, անզգամ, անամօթ եւ ամբարտաւան մի կայ, զայնպիսիքն կու առաքես. եւ երկար կը պատմէ անոնց գործած անկարգութիւնները, այնպէս որ ազգս Հայոց տաղտկացեալ է ի գարշահոտութենէ վարուցն այսպիսեացս ( ԹՈՐ. Բ. 282): 3. Ասոր հակառակը, կ՚ըսէ, երբ վարդապետ մը զճշմարիտն խօսի, ի վերայ նորա անքակ բերանով, անիրաւ լեզուաւ, յանդուգն դիմօք, լրբենի երեսօք, եւ անկիրթ մտօք, բանադրանաց գիր կու գրէք. ապա երկարօրէն այդ կէտերը կը պարզէ, յայտնելով ալ, թէ անիրաւ անիծիւք անիծեալն ոչ անիծանի ( ԹՈՐ. Բ. 234-286), 4. Կը յանդիմանէ Ս. Հռիփսիմէի ոսկորներուն վաճառումը, եւ Լուսաւորչի Աջին փոխադրութիւնը, եւ կը հարցնէ թէ առանց այն Սուրբ Աջին դու ինչպէflս միւռոն կու օրհնես ( ԹՈՐ. Բ. 287): Կաթողիկոսներու շատութեան վրայ ալ կը դիտէ, թէ ի մէկ աթոռի վերայ երեք կաթողիկոս էք, եւ ոչ թէ մինդ կացեալ եւ այլքդ դադարեալ, այլ ամէն մէկդ ի յիւր գնացեալ երկիրն ինքնագլուխ կաթողիկոսութիւն առնէք, եւ կը պնդէ թէ իբր կաթողիկոս առաջինն` Դաւիթ կաթողիկոսն է ( ԹՈՐ. Բ. 288): 5. Կը ծանրանայ Հռոմի պապին ուղղուած գիրին վրայ. սաստիկ կը մեղադրէ Զաքարիա Վանեցին, զԶաքարիա կոչելով, եւ կ՚առաջարկէ որ եթէ այն գիրը Զաքարիայի գործն է, եւ թէ ստոյգ է որ դու չես միաբանէր, պապին գրէ եւ խարդախութիւնը իվեր հանէ ( ԹՈՐ. Բ. 290-292): Բոլոր յիշուած կէտերուն մասին ալ այսուհետեւ տարբեր վարուիլը կը պահանջէ, եւ ինչպէս սկիզբը յառաջ բերինք, այդ պայմանով միայն քեզ իբր կաթողիկոս կու ընդունիմք, կ՚ըսէ, թէ ոչ, դու գիտես, այսինքն է, չենք ընդունիր: Կեսարացիին գրութեան պարունակութենէն կը տեսնուի, որ նա նկատի կ՚առնէ Մելքիսեդեկի բովանդակ անցեալը, եւ հին ու նոր գործեր հաւասարաբար կը յանդիմանէ, եւ չ՚ամփոփուիր միայն վերջին ատեններ Ասպահանի մէջ ունեցած կացութեան վրայ: Երեք կաթողիկոսներու յիշատակութիւնը եւ անոնց իրարմէ անկախ գործունէութիւնը, կը պատշաճի Դաւիթի եւ Մելքիսեդեկի եւ Աւետիսի, որոնց երեքին ալ անունները յիշուած են նոյն գրութեան մէջ ( ԹՈՐ. Բ. 288-289): Բնաւ չենք ենթադրեր թէ Մելքիսեդեկ օգտուած ըլլայ Կեսարացիին յանդիմանութիւններէն, վասնզի աւելի եւս սաստկացուց իր անկարգութիւնները, 1618-ին Շահաբասի հրովարտակով Մայրաթոռը ձեռք անցընելէ ետքը ( § 1617): Կեսարացիին գրութիւնը շատ նշանակալից է ցուցնելու համար, թէ ինչ արհամարհական աչքով կը նայէին Կ. Պոլսոյ մէջ Մայրաթոռոյ կացութեան վրայ:

1626. ԿԱԹՈԼԻԿ ՇԱՐԺՈՒՄՆԵՐ

Սոյն գրութեան հոգին, մանաւանդ վերջին կէտին վրայ տրուած բացատրութիւնները, մեզի կ՚առաջնորդէն մտադրութիւն դարձնել այն խնդիրին վրայ, որ սկսած էր Կոստանդնուպոլսոյ մէջ երեւան գալ, եւ ուրիշ տեղեր ալ արձագանգ գտնել, եւ ազգին մէջ երկպառակութեանց պատճառ եւ կուսակցութեանց նշանաբան դառնալ: Ասիկա ոմանց կողմէ յայտնուած հռոմէական դաւանութեան մօտենալու միտումն էր: Լատիններու արեւելքին վրայ ազդեցութիւն ունենալու ջանքերը նոր չէին, եւ Ռուբինեանց օրէն սկսելով այդ միտումը շեշտուեցաւ, Խաչակիրներով զօրացաւ, բայց անոնց տկարանալովը չդադրեցաւ. եւ երբոր քաղաքականապէս տիրապետելու դուռերը փակուեցան, լատինականութիւն բոլոր ոյժը թափեց դաւանական միութեամբ համակիրներ եւ հետեւորդներ շատցնելու: Այդ նպատակին կը հետեւէր ոչ միայն պապութիւնը, իբր հոգեւորական իշխանութիւն, այլեւ Իտալական հանրապետութիւններ իրենց տիրապետական եւ առեւտրական յարաբերութեանց համար, եւ անոնցմէ ալ աւելի Գաղղիոյ թագաւորութիւնը, որ իր ազգակիցներուն եւ կրօնակիցներուն վրայ պաշտպանութեան իրաւունք ստացած ըլլալով` զայն կը տարածէր կրօնակից բնիկներու վրայ ալ, եւ անով Թուրքիոյ ներքին գործերուն վրայ ալ ազդեցութիւն կ՚ունենար: Այդ պաշտպանութենէ օգտուելու ձգտումն էր, որ բնիկներէ ալ մաս մը, մանաւանդ այնպիսիները որոնց սիրտին մէջ ազգային եկեղեցւոյ զգացումը տկար էր, Լատիններու հետ յարաբերութեան կը մօտեցնէր, եւ բերնով թէ գործով, երեսանց թէ սրտանց, անոնց համակերպելու կը հրապուրէր: Գաղղիոյ դեսպաններն ալ շատ անգամ կրօնական քարոզիչի դեր կը վարէին: Միեւնոյն ատեն Արեւելքի մէջ շատցած էին Լատին կրօնաւորներն զանազան միաբանութիւններէ, Փրանկիսկեան եւ Դոմինիկեան, Յիսուսեան եւ Թէաթինեան, որոնք մեծաւ եռանդեամբ հռոմէադաւանութիւն տարածելու կ՚աշխատէին, իրենց օգնական ունենալով քաղաքական պաշտպանութիւնը, եւ իբրեւ փաստ գործածելով նիւթական նպաստներ, իսկ իբր հրապուրիչ միջոց առջեւ դնելով ուսմանց աւանդումը: Արեւելքի մէջ իրենց համար աւելի դիւրամատչելի եւ դիւրաշահելի տարրը կը ներկայանար Հայը, երկու մեծ պարագաներով: Մէկը արտաքին էր, Հայուն աւելի նեղուած ու զրկուած եւ ցրուած վիճակը. եւ միւսը ներքին էր, Հայուն կրօնական զգացումներուն` թոյլատու եւ ներողամիտ սկզբանց վրայ հիմնուած ըլլալը, կամ աւելի բաց խօսելու համար, յաւիտենական փրկութեան համար հայադաւանութեան անհրաժեշտ պայման նկատուած չըլլալը, եւ ուրիշ քրիստոնեայ եկեղեցիներու մէջ ալ յաւիտենական փրկութեան հնարաւորութիւնը: Չմոռնանք, որ Ունիթորներու վերջին մնացորդներէն զատ, Հայազգի անհատներ ալ Լատին միաբանութեանց անդամակցելով, եւ Լատին դպրատուններու աշակերտելով, հռոմէականութեան ջատագովներ եղած էին: Այդ ամէն հանգամանքներ իրարու մօտ գալով, Հայերուն մէջ` թէպէտ մասնաւոր, բայց բաւական կարեւոր հոսանք մը կը կազմէին հռոմէականութեան մօտենալու, եւ լատինական օգնութեամբ զօրանալու, եւ եւրոպական նպաստներով բախտաւորուելու համար: Մօտենալու ըսինք, վասնզի այդ հոսանքը ոչ երբեք զատուելով ինքնագլուխ եւ ինքնուրոյն մարմին մը ըլլալու գաղափարով գործի կը սկսէր, այլ իբրեւ միեւնոյն Հայ ազգութեան մէջ կազմուած կուսակցութիւն մը` կը ջանար իր տեսութիւնն ու կարծիքը զօրացնել, եւ ազգն ու ազգին կեդրոնը ու ազգային իշխանութիւնը այն կողմը հակեցնել, որով մի եւ միակ մարմնոյ կամ հասարակութեան մէջ երկու կարծիքներու կամ կուսակցութիւններու իրարու դէմ պայքարը կը մղուէր, այն ամէն միջոցներով եւ զէնքերով որով ընտանի կռիւներ տեղի կունենան:

1627. ԿԱԹՈԼԻԿ ԱՌՈՒՄՆԵՐ

Հռոմէականութեան հակամէտներու կողմը ժողովրդական կոչմամբ Ֆրէնկ կամ Ֆռանկ կը կոչուէր, եւ այդ անունը, որ Գաղղիացւոց յատուկ անունն էր, բոլոր Եւրոպացւոց անխտիր կը տարածուէր` Լատին կոչումին համանշանակ դառնալով: Ասոր ալ պատճառը Գաղղիոյ դեսպանատան բոլոր հռոմէադաւաններու վրայ պաշտպանութիւն վարելն էր: Հռոմէական եկեղեցին Կաթոլիկ (Catholique) յորջորջումը իբր յատուկ անուն իրեն սեփականած ըլլալով, նոյնը սկսաւ Ֆռանկ կոչումին տեղ գործածուիլ, եւ հետզհետէ ընդհանրացաւ եւ սովորական դարձաւ եւ ճիշդ այդ միջոցներուն սկսած է կաթոլիկ կոչման կիրառութիւնը: Հռոմէադաւանք իրենց պաշտօնական եւ անպաշտօն գրութեանց մէջ կը սիրեն այդ անունը հայկական տառադարձութեան ձեւով Կաթողիկեայ գրել, սակայն մենք պիտի չկարենանք իրենց հետեւիլ, վասնզի Կաթողիկեայ բառը բոլոր քրիստոնեայ եկեղեցիներէն ընդունուած եւ գործածուած կոչում մըն է, յունականէ տառադարձութեամբ եւ ընդհանրական իմաստով, եւ նոյնիսկ Հայոց եկեղեցին ալ սոյն կոչումը իրեն համար կը գործածէ: Ուստի շփոթութիւն չպատճառելու համար` կը նախադասենք Կաթողիկեայ եւ Կաթոլիկ կոչումները իրարմէ զատելով, առաջինը ընդհանուր քրիստոնէական իմաստով, եւ երկրորդը մասնաւոր հռոմէական առումով գործածել: Քանի որ կոչումներու վրայ կը խօսինք, աւելցնենք թէ Հայ հռոմէականք ի զուր Ուղղափառ կոչումը իրենց կը սեփականեն, իբրեւ թէ կաթոլիկ կոչումին թարգմանութիւնն ըլլար, մինչ Ուղղափառ բառը յունական Որթոդոքս բառին թարգմանութիւնն է, եւ Լատիններ իսկ այդ կոչումը Յոյներու սեփականած են եւ իրենց չեն պատշաճեցներ: Իսկ Ուղղափառ հայկական բառն եւ կոչումը` հայկական անուն է, եւ հայադաւան եկեղեցւոյ սեփական է, եւ զայն լատինացնել բոլորովին սխալ է: Անուններու մասին դիտողութիւնները փակելով պիտի կրկնենք, թէ Հայ Հռոմէականութեան միտումը, որ ԺԷ. դարուն սկիզբներէն նոր կերպարան մը սկսաւ ստանալ, եւ հետզհետէ շեշտուեցաւ քաղաքական եւ նիւթական հրապոյրներու շնորհիւ, երբեք յատուկ մարմին կամ առանձին հասարակութիւն մը չէր եւ չեղաւ, այլ պաշտօնապէս միեւնոյն Հայ ազգութեան եւ Հայ եկեղեցւոյ մէջ մնաց, եւ կարծիքի ու տեսութեան տարբերութենէն անդին չանցաւ: Ասոր մէկ հաստատուն եւ անժխտելի փաստն է, որ այս ներքին վէճերը ուրիշ բան չէին, բայց եթէ իր կողմը զօրացնելու ճիգեր: Լատինասէր կամ լատինամիտ կամ լատինամոլ եղողներ, կամ ուրիշ կոչմամբ, Ֆռանկ կամ Կաթոլիկ ըսուողներ, չէին ուզեր Հայ պատրիարքարանէ, Հայ ազգութենէ, Հայ եկեղեցիէ զատուելով առանձին ըլլալ, այլ միայն պատրիարքական աթոռին տիրանալով` զայն իրենց միտքին տանիլ, եւ ազգը իրենց ուղղութեան հետեւցնել կը ջանային: Ըստ այսմ ցորչափ հայադաւան Հայ պատրիարքութենէ դուրս չէին, իրենք ալ պաշտօնապէս նոյնը կը մնային, եւ նոյն մարմնոյն մէջ կը շարունակէին մնալ: Այն մեծ միտումը զոր Յովհաննէս Խուլ եւ Գրիգոր Կեսարացի, այդչափ բուռն կերպով եւ շարունակեալ ելեւէջներով իրարու դէմ կը մղէին, երկու կարծիքներու կամ երկու ուղղութիւններու ընդհարումն էր, որուն սկզբնաւորութիւնը պատմեցինք: Եւ դժբախտաբար երկու դար եւ աւելի անոր տխուր երեւոյթները առջեւ բերելու պիտի պարտաւորուինք:

1628. ԱԹՈՌԻ ՁԳՏՈՒՄՆԵՐ

Յովհաննէս Խուլ որ լատինամիտ ուղղութեան գլուխ էր կանգնած, 1600-ին, 1609-ին եւ 1613-ին պատրիարքական աթոռը գրաւած էր, եւ անգամ մըն ալ 1612-ին զայն թողած էր իր աջակից եւ գործակից Վանեցիին. իսկ Կեսարացին ալ նոյնպէս երեք անգամ պատրիարքութեան տիրացած էր 1601-ին, 1611-ին եւ 1615-ին, այս զանազանութեամբ` որ անգամ մը ինը տարի կրցեր էր մնալ, մինչ իր հակառակորդներուն իշխանութիւնները միշտ վաղանցուկ եղած էին: Վերջին պահուն ալ ինքն էր նորէն աթոռին տէրը, ուսկից այնչափ ուժգնութեամբ կը յանդիմանէր Մելքիսեդեկ աթոռակից կաթողիկոսը ( § 1625), որ արտաքին զօրութեամբ բուն գահակալ Դաւիթը զրկելով եւ լռեցնելով` բռնապետական կաթողիկոսութիւն վարած էր, եւ տակաւին վարելու կը հետապնդէր: Ինքն Մելքիսեդեկ ալ իր յոյսը լատինամոլներու վրայ դրած, անոնց կողմը կը հակէր, եւ հեռուէն հեռու Խուլին եւ Վանեցիին հետ կ՚ընկերակցէր, թէպէտ 1600-ին Խուլը եղած էր զինքն Կոստանդնուպոլսոյ աթոռէն տապալողը ( § 1596): Գրիգոր Դարանաղեցին, որուն ուղղութիւնը Խուլին ու Վանեցիին, համաձայն չէր, ասով մէկտեղ անոնց միացած էր 1612-ին, զայրանալով Կեսարացիին կասկածոտ եւ բռնական ընթացքէն, եւ անկէ օգուտ ալ քաղած էր պատրիարքական հասոյթներու վայելքին մասնակցելու, 1612-ին Անատօլու փարաքանտա վիճակներուն, ու 1613-ին Ռումէլիի վիճակներուն վրայ վերակացու նշանակուելով ( § 1604): Սակայն վերջնապէս չկրցաւ լատինամոլ ուղղութեան հետ հաշտուիլ, ուստի Կեսարացիին վերջին զօրանալէն ետքը` բաժնուեցաւ Խուլին եւ Վանեցիին ընկերակցութենէն, եւ երկրորդ անգամ Կ. Պոլիսէ մեկնեցաւ եւ Երուսաղէմ գնաց, ուխտի եւ հանդարտութեան նպատակով: Այդ ուղեւորութեան թուական կը դրուի 1616 տարին (11. ԱՄՍ. 11), Աստուածաշունչի յիշատակարանին մէջ ալ ( ԴՐՆ. ) այդ երթին ակնարկելով կը գրէ, թէ զերծաք ի յանզերծանելի վտանգիցն եւ գնացաք յԵրուսաղէմ: Իսկ այդ վտանգները որոնց համար կը գրէ, թէ ոչ գիր կու տան, եւ ոչ լեզու ճառել ոք կարէ, պատրիարքական աթոռին շուրջը տեղի ունեցած պայքարներու վրայ ի դէպ է իմանալ ( § 1604), որոնցմէ խորապէս զզուած կ՚երեւայ: Այլ թէ Երուսաղէմ ինչչափ մնաց որոշ չէ: Երեք ամ շրջեցաք, կ՚ըսէ, աստ եւ անդր, եւ ոչ գտաք ուրեք հանգիստ, եւ դարձեալ եկաք այլ աստէն, որ է, ըսել թէ 1619-ին Կոստանդնուպոլիս եկած է ուր եւ շարունակած է իւր Աստուածաշունչին ընդօրինակութիւնը:

1629. ԱՌԱՋԻՆ ԹԵՄԱԿԱԼՆԵՐ

Կարգաւոր պատմութեան բացակայութիւնը եւ մանր յիշատակութիւններով պատմութիւն կազմելու հարկը, եւ ասոնց ալ ստէպ թերի եւ անյարիր ըլլալը, մութ կը թողուն այդ միջոցին պատրիարքական իշխանութիւնը վարողներուն շարքը, միայն թէ սովորական ցուցակները, որոնք Չամչեանի հետեւողութեամբ կազմուած են, այլեւս չեն կրնար իբրեւ հաստատուն ընդունուիլ: Կեսարացին որ 1615-ին նորէն պատրիարքութիւնը ձեռք ձգած էր, նոյն պաշտօնին վրայ կը տեսնուի 1618-ին, ինչպէս յիշատակագիր մը կը գրէ, ի հայրապետութեան տեառն տէր Մելքիսեթ կաթողիկոսին, եւ վարդապետին իմոյ Գրիգոր քաջ րաբունապետին Կեսարացւոյ ( ՏԱՇ. 778), եւ յայտնի է թէ Կեսարացին կաթողիկոս չէ եղած: Կեսարացիին պատրիարք ըլլալովը չէր եղծուած վիճակներու բաժանմանց կերպը` որ Խուլին եւ Վանեցիին եւ Դարանաղեցիին դաշնակցութեան առթիւ կազմուեցաւ ( § 1604): Այդ մասին իբր հաստատութիւն պէտք է նկատել երկու իրարմէ անկախ յիշատակներ: Առաջինն է Իւսկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյն շինութիւնը 1617-ին Զաքարիա Վանեցիին ձեռքով (11. ԱՄՍ. 74), որ կը ցուցնէ թէ նա ինքն էր տակաւին Ասիակողման առաջնորդը, ինչպէս կարգադրուած էր 1613-ին բաշխումին առթիւ ( § 1604), կեդրոն ունենալով Իւսկիւտարը, եւ ընդարձակուելով, մայրաքաղաքի մերձաւոր վիճակներու վրայ: Ս. Կարապետի անունը անմիջապէս կը տանի Մշոյ Ս. Կարապետի յիշատակին, ինչպէս որ ցարդ ալ Վարդավառը նոյն եկեղեցւոյն տօնական օրն է` հետեւելով Գլակայ վանքին տօնին: Միայն թէ Զաքարիա Վանեցի էր, եւ Վարագ նշանաւոր Ս. Կարապետ չկար, ինչպէս ոմանք կ՚ենթադրեն, եւ Ս. Կարապետի անունը անկէ կը հետեւցնեն (11. ԱՄՍ. 74): Ընդհակառակն տեղական աւանդութիւն մը Գլակէն կ՚առնէ անունին ծագումը, պատմելով թէ Մշեցի գործաւորներ Իւսկիւտարի մեծ մզկիթներէն մէկուն շինութեան կ՚աշխատէին, եւ թէ մոտիկ աղօթատեղիի մը պէտքը զգալի ըլլալով, նոր եկեղեցիին շինութիւնը արտօնուեցաւ: Միւս նշանակը Նիկոմիդիոյ մէջ պահուած գրչագիր հին Ճաշոցին մէջ 1618 փետրուար 26-ին աւելցած յիշատակն է, ի վերատեսչութեան յայսմ նահանգի Զքոյ վարդապետի, որ աշխարհաւ է Վասպուրականի, որ ասի Վան, իսկ Զքոյ` Զաքարիա Վանեցիի ժողովրդական կոչումն էր, որուն տակաւին Անատօլու փարաքանտա վիճակներու վերակացու լինելը կը հաստատուի: Նոյնպէս պիտի ըսենք Դարանաղեցիին մասին ալ, որ վերջին անգամ Ռումելիի վիճակներուն վերակացուն էր, եւ որ ընդհատ յիշատակներով շարունակ Ռոտոսդոյի առաջնորդ կը յիշուի, Ղալաթիա կը մնայ, որ Ռումելիի վիճակին մաս տրուած էր, եւ Ռոտոսդոյ գտնուող տապանագիրն ալ զայն նախորդ հովիւ քաջարթուն կը կոչէ (11. ԱՄՍ. 7): Ասոնցմէ կը քաղուի թէ Դարանաղեցին հակառակ իր թափառած շրջագայութեանց, մինչեւ վերջ Ռումելիի կողմին առաջնորդը մնաց, Ռոտոսդոն իրեն աթոռանիստ ունենալով, եւ Ղալաթիան ալ իբր մայրաքաղաքի մէջ օթեւան: Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեան սկիզբները բոլոր Օսմանեան կայսերութեան վիճակները, գոնէ մայրաքաղաքէն որոշ հեռաւորութեամբ շրջանակի մէջ, ուղղակի պատրիարքին վիճակը կը նկատուէին, եւ թեմական իրաւունքներ անոր կը պատկանէին, եւ վանքերու ու քաղաքներու մէջ գտնուող եպիսկոպոսներ ու վարդապետներ` թեմակալ չէին, այլ պարզապէս իբր մուրախխաս կամ պատուիրակ կը նկատուէին, եւ պատրիարքին իրաւունքը կը յարգէին ( § 1509): Առաջին անգամ Խուլ Յովհաննէսի, Վանեցի Զաքարիայի եւ Դարանաղեցի Գրիգորի միջեւ կատարուած բաշխումը, որ ուղղակի իրաւունքներու վայելքին համար էր, սկիզբը տուաւ առաջնորդական վիճակներու կամ թեմակալութեանց բաժանման, որ պատահական առիթէ ծագում առնելով` հաստատուն իրաւունքի փոխուեցաւ, եւ այս պիտի նկատուի իբր պատճառ, որ նոյնիսկ Կեսարացիին պատրիարքութեան ներքեւ, Դարանաղեցին ալ, Վանեցին ալ Կեսարացիին հետ հաշտ չըլլալով իսկ, կրնան պահել իրենց թեմական կամ առաջնորդական իրաւունքը:

1630. Կ. ՊՈԼՍՈՅ ՇՓՈԹՆԵՐ

Երբոր Վանեցին ու Դարանաղեցին այդ կերպով առաջնակարգ դեր վարելէ հեռացան, պատրիարքական աթոռին ձգտումը, Խուլին եւ Կեսարացիին մէջ անհատական մրցում մնաց, եւ շարունակեց մինչեւ անոնց վերջին շունչը: Կեսարացին միշտ իրեն պահեստի պաշտօն ունէր Կեսարիոյ առաջնորդութիւնը, ուր կը քաշուէր ամէն անգամ որ Կ. Պոլիսէ հեռանալու կը ստիպուէր, սակայն Խուլին համար այդպիսի պահեստի պաշտօն մըն ալ ունեցած ըլլալ բնաւ չի յիշուիր, եւ ասոր ալ պատճառը, զի իր նախնական գործունէութիւնը Կ. Պոլսէ սկսաւ, որուն բնիկն ալ էր, եւ հետեւաբար տունտեղ եւ ազգական ալ ունէր, եւ անպաշտօն վիճակի մէջ ալ մայրաքաղաք մնալու յարմարութիւնները կը վայերէր: Անգամ մը յիշուած է, թէ Կեսարացին, այնչափ մարտ եդեալ էր զհետ Յովհաննէսին, մինչ զնա փախուցեալ էր ի Պրուսա (11. ԱՄՍ. 16), սակայն այսչափը բաւական չենք սեպեր, Խուլը Պրուսայի առաջնորդ կարծելու, եւ Պրուսան ալ անոր պահեստի պաշտօնատեղին եղած ըսելու: Միշտ կցկտուր յիշատակներու վրայ հիմնուելով, Կեսարացին պատրիարքութիւնը պահած պիտի ըսենք մինչեւ 1619, որ կը համապատասխանէ Դարանաղեցիին երեք տարի թափառելէ ետքը 1619-ին Կ. Պոլիս դառնալուն ( § 1628), եւ 1620-ին Կ. Պոլսոյ մէջ գրուած աւետարանի մը մէջ` յառաջնորդութեան Յովհաննէս վարդապետին ըսուած ըլլալուն (11. ԱՄՍ. 11): Դժբախտաբար իբր Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան պատմութիւն, ներհակընդդէմ պայքարներէ զատ բան մը չունինք գրելու, եւ ոչ ալ կրնանք ազգային գործերուն եւ գործունէութեան մասին որոշ տեղեկութիւններ տալ: Իբրեւ նկատողութեան արժանի կէտ յիշատակենք երեք դաշնակիցներու մէջ տեղի ունեցած պառակտումը, եւ Դարանաղեցիին միւս երկուքին բարեկամութենէն զատուիլը: Արդէն կանուխէն ալ, իր խոստովանութեան համեմատ, թէ Աստուած գիտէ, որ ես բնաւ չէի ուզեր Խուլը (11. ԱՄՍ. 9), Դարանաղեցին անոր լատինամոլ ուղղութեան հաւնողը չէր, բայց Կեսարացիին կասկածոտ եւ բռնական ընթացքէն զայրանալով` յարած էր Խուլին կողմին, բայց այս անգամ կ՚երեւի թէ այլեւս չկրցաւ տոկալ անոր ծայրայեղութեանց: Կը գրէ թէ իր երկու դաշնակիցները սկսան անխտիր ուտել ի պաս աւուրս զձէթ եւ զգինի յայտնի հրապարակաւ, եւ զոչ ուտողսն անարգէին (11. ԱՄՍ. 9), ուստի բաժնուեցաւ անոնց կողմէն, հարկաւ Կեսարացին ալ առիթէն օգտուեցաւ Դարանաղեցին շահելու, որով կրնար հակառակորդը տկարացնելով իր կողմը զօրացնել: Խուլին եւ Վանեցիին պահոց մէջ թուլութիւնը մտցնելը, հռոմէականաց կողմէ անոնց պաշտօնապէս դաւանափոխ եղած ըլլալուն փաստ կը ցուցուի (11. ԱՄՍ. 9), սակայն այս հիմնական պատճառաբանութիւն մը չի կրնար նկատուիլ: Ոչ երբեք եւ ոչ ուրեք օրինազանցութիւնը կամ անտարբերութիւնը իբր կրօնափոխութեան փաստ ընդունուած է, կամ կրնայ ընդունուիլ: Այս տեսակ օրինազանցներ շատ եղած են եւ շատ ալ կան ամէն կրօնքներու մէջ, բայց իրաւունք չեն տար զիրենք պաշտօնապէս կրօնափոխ կամ դաւանափոխ կարծելու: Դավրիժեցին ալ Հայ վանականները կ՚ամբաստանէ թէ զանց ըրած էին պահօք եւ ծոմաջանիւք կենցաղավարիլ, եւ թէ ի բոլոր տարին ուտիք եւ գինի եւ միս անխտիր կ՚ուտէին ( ԴԱՎ. 220), բայց այս պատճառով դաւանափոխ չէին ըսուէր: Խուլին ընթացքը եթէ պարզ օրինազանցութիւն ալ չըսեն, առ առաւելն կուսակցութիւն մըն էր, կամ թէ Հայ եկեղեցւոյ խստութիւնները թեթեւցնելու կ՚աշխատէր, բայց ասով Հայ եկեղեցիէ պաշտօնապէս բաժանուած, եւ ուրիշ եկեղեցւոյ ծոցը մտած չէր ըլլար, եւ ոչ ալ նոր պաշտօնական մարմին մը կազմողներ կ՚ըլլային, անոր հետեւողները: Ապա թէ ոչ Խուլը Հայոց պատրիարք ըլլալու ալ հետամուտ պէտք չէր ըլլար, եւ իրեն կողմնակիցներն ալ պատրիարքարանի գործերով զբաղելու չէին: Այս վիճակի մէջ կը շարունակեն Կ. Պոլսոյ գործերը մինչեւ 1624, բայց մենք պէտք է նորէն Էջմիածինի գործերը պատմելու դառնանք, իրարու կապակցութիւնները պահելու համար:

1631. ՄԵԼՔԻՍԵԴԵԿ ԵՒ ՄՈՎՍԷՍ

Մելքիսեդեկը թողուցինք իր բռնակալ եւ հարկահան կաթողիկոսութեան ( § 1617), եւ իր հարկապահանջ պտոյտներուն մէջ, որոնք սակայն արդիւնաւոր չէին ըլլար, վասնզի ամենեքին ձանձրացան եւ սրտիւ լքին զկաթողիկոսն, եւ թէպէտ ինքն Մելքիսեդեկ եւ իրեն հետեւորդները առանց իրաւանց կեղեքեալ կողոպտէին զժողովուրդն, սակայն հաւաքածնին ոչ լինէր բաւական ծախուց իւրեանց անգամ, իսկ պետական 100 թումանի տարեկանը ամյամէ ապառիկ մնալով հասած էր մինչեւ ցվեցհարիւր թուման, որոնց վրայ կ՚աւելնային փոխառութեանց պարտքերը, զոր ի պարտատուացն առեալ էին վասն կարեաց զուլերոյն եւ ինքեանց ( ԴԱՎ. 171): Կը յիշուի թէ այդ վարանմանց միջոցին, Մելքիսեդեկ նամակ մը գրած է Գրիգոր ԺԵ. պապին, 1622-ին, եւ անոր մահուան լուրը առնելուն երկրորդ նամակ մը փութացուցած է Ուրբանոս Ը. պապին 1623-ին ( ՏԱՇ. 111), որոնց մէջ անշուշտ պէտք եղած շողոքորթ լեզուն գործածած կ՚ըլլայ, բայց նպատակը տագնապալից վիճակին նպաստ մը ակնկալելն եղած է: Մելքիսեդեկ այդ կողմէ ալ յաջողութիւն մը չտեսնելով վերջին յուսահատութեան մէջ կ՚որոշէ կաթողիկոսութեան հետ պարտքն ալ ուրիշի մը փոխանցել, եւ եթէ հարկ ըլլայ գաղտնի կերպով Պարսից տէրութենէն դուրս ելլելով տագնապէ ազատիլ, եւ Օսմանեան գաւառներուն մէջ կաթողիկոսութիւնը վարել եւ շահեցնել: Այդ առթիւ իր միտքը կը դարձնէ Մովսէս Տաթեւացիին վրայ, ուսկից հարկաւ կը յուսար առձեռն գումար մըն ալ ստանալ իր միտքը գործադրելու համար: Մովսէսի վրայ խօսեցանք, երբ Պօղոս Մոկացի վարդապետին հետ տուգանքի ենթարկուեցան Շահաբասէ ( § 1616): Իսկ անկէ ետքը յիշեցինք իր քարոզչական շրջագայութիւնները եւ եկեղեցաշէն ձեռնարկները եւ ժողովրդական հոգածութիւնները, միշտ Պօղոսի հետ համամիտ եւ գործակից, որ քան զինքն երիցագոյն էր. ինչպէս նաեւ պատմեցինք Սարգիս Պարոնտէրի կրօնաւորական ձեռնարկին ըրած օժանդակութիւնները ( § 1620): Երբոր Մելքիսեդեկ 1618-ին թագաւորական հրովարտակով եւ 100 թուման տուրքի պայմանով կաթողիկոսութիւնը ձեռք առաւ, Պօղոսի դէմ գործած բռնութիւնները ( § 1623) Մովսէսի դէմ ալ փորձեց, միայն թէ անոր չկրցաւ հրամայել իր վիճակէն դուրս ելլալ, զի Մովսէս Սիւնեցի էր Էջմիածինի վիճակէն, եւ ոչ Մոկացի Աղթամարի վիճակէն: Մովսէս աւելի կտրուկ միջոց մըն ալ գործածեց, ու զիւր փիլոնն եւ զգաւազանն եւ զխալիչէն որ է գորգը, ծրարեց եւ Մելքիսեդեկին ղրկեց ըսելով, Մեք լռեալ դադարիմք ի քարոզելոյ, եւ ընդ այդ եթէ իցէն մեղք ինչ, դու տացես զպատասխանի Աստուծոյ: Մելքիսեդեկ ամչցաւ, իր խորհրդակիցներն ալ զինքն համոզեցին, եւ գաւազանն ու միւս իրերը Մովսէսի դարձուց, եւ ետ հրաման քարոզութեան: Այդ եղելութեան թուական կրնանք նշանակել 1620 տարին, երբ Պօղոս բռնադատեալ Մեծ-Անապատ էր քաշուած ( § 1623): Մելքիսեդեկ որչափ ալ պաշտօնապէս թոյլ տուաւ Մովսէսի իր քարոզութիւնները շարունակել, սակայն ի նենգելոյ ոչ դադարեաց, եւ հանապազ հարստահարէր եւ զրպարտէր, այնպէս որ Մովսէս սրտիւ վհատեալ եւ լքեալ, միտքը դրաւ Կարին անցնիլ, որպէսզի կարենայ ազատօրէն իր հոգեւոր պաշտօնը կատարել ( ԴԱՎ. 324): Երբ այդ դիտաւորութեամբ Երեւան եկաւ, Ամիրգունա լուր առաւ, եւ վարդապետը իրեն կանչեց խօսեցաւ եւ աւելի եւս հաստատուեցաւ այն լաւ գաղափարին վրայ, զոր կազմած էր անոր եւ Պօղոսի գործունէութեան նկատմամբ, որ լոկ կրօնական էր եւ քաղաքական անտեղութիւն չէր ներկայեր: Ամիրգունայի եւ Մովսէսի մէջ հաստատուած լաւ յարաբերութեանց պատճառներէն մէկն ալ եղած կ՚ըլլայ` Ամիրգունայի քենին Ագապիի իր ամուսնոյն Երեւանեցի Յովհաննէսի հետ հաշտուիլը` Մովսէսի քարոզութեան ազդեցութեամբ, ինչ որ Ամիրգունա չէր կրցած ընել իր զօրաւոր միջամտութեամբ եւ իր կնոջ Հոռոմիի թախանձանօք ( ԶԱՔ. Ա. 54): Ամիրգունա Մովսէսի վրայ հիանալով, զայն համոզեց եւ իր մօտը պահեց, Երեւանի մէջ Ս. Անանիայի եկեղեցին անոր յատկացուց, զոր Մովսէս շէնցուց եւ պայծառացուց, եւ ազգին համար նուիրական սրբավայր մը դարձուց, ուր խուռն կը խուժէր ժողովուրդը Մովսէսի քարոզութիւներէն եւ կատարած արարողութեանց կարգաւորութենէն հրապուրուած: Այստեղ մնաց Մովսէս զամս երիս, որ է ըսել 1623:

1632. ՄՈՎՍԷՍԻ ԳՈՐԾԵՐԸ

Մովսէս Ս. Անանիայի վանքին կատարելապէս տուած էր Մեծ-Անապատի ձեւը ( § 1621), կրօնաւորական բարեկարգ միաբանութիւն ալ կազմած էր, որուն համբաւը տարածուեցաւ ի Հոռոմաստան, ի Քրդստան, ի Վրաստան, ի Պարսկաստան, եւ յամենայն աշխարհաց վաճառականք գային, եւ նուէրներ ալ կու տային, ինչ որ Մելքիսեդեկի ծանր կու գար, զչարէր եւ հեղձամաղձուկ լինէր, բայց Ամիրգունայի պաշտպանութեան պատճառով ոչ կարէր զչար ինչ անել Մովսէսի: Մտածեց գոնէ Մովսէսի անունով ինքն ալ օգտուիլ, եւ անոր հետ միւռոնօրհնէք կատարել, եւ արդիւնքը ինքը գանձել: Այդ նպատակով յատուկ պատգամաւոր եպիսկոպոսներ ղրկեց Ս. Անանիայի վանքը, սակայն Մովսէս հրաժարեցաւ յայտնելով, թէ ինքն տակաւին եպիսկոպոս ալ չէ: Մելքիսեդեկ փութաց դժուարութիւնը լուծել, անմիջապէս Ս. Անանիայի վանքը եկաւ, եւ աւագ երկուշաբթի օր, 1623 ապրիլ 7, որ Աւետման տօն ալ էր, Մովսէսը եպիսկոպոս ձեռնադրեց, եւ աւագ հինգշաբթի օր, ապրիլ 10-ին միասին միւռոն օրհնեցին, որ լաւ արդիւնաւոր եղաւ նուէրներու կողմէն, եւ Մելքիսեդեկի արծաթասիրութիւնը գոհացուց: Ջուղայեցի վաճառականներ Ասպահան դառնալով այնչափ բարձրացուցին Մովսէսի արժանիքը, որ ամէնքը փափաքեցան անգամ մը գոնէ զայն տեսնել, ուստի յատուկ պատգամաւորութեամբ զինքն Ասպահան առաջնորդեցին, ուր մնաց ժամանակս ինչ, թէ քաղաքին եւ թէ շրջակայից մէջ եղող Հայ գաղթականութեանց այցելեց, քարոզեց, մխիթարեց, եւ փառօք փառաւորեալ ի նոցունց, դարձաւ Երեւան Ս. Անանիայի վանքը, իր կրօնաւորական կեանքը շարունակել ( ԴԱՎ. 227): Այդ պարագաներուն մէջն էր, այսինքն միւռոնօրհնէքի յաջողութենէն ետքը, եւ Ասպահանի այցելութենէն առաջ, որ Մելքիսեդեկ կաթողիկոսութիւնն ալ Մովսէսի փոխանցելու գաղափարը յղացաւ, եւ անոր յայտարարեց թէ ազգս Հայոց երես դարձուցին յինէն, մինչ ընդհակառակն զքեզ սիրեն եւ ընդունին: Արդ հարկն արքունի պարտք եղեւ եւ բազմացաւ, ես չեմ կրնար վճարել, վասն զի չեն տար, դուն կրնաս վճարել, որովհետեւ կրնաս հաւաքել, ուրեմն տամ քեզ զՍուրբ աթոռն Էջմիածին եւ զկաթողիկոսութիւնն, դուն պաշտօնը վարէ ու պարտքը վճարէ, եւ ինձ տուր ամյամէ դարման պիտոյից եւ զմի ի վանօրէիցդ ( ԴԱՎ. 171): Մելքիսեդեկ մինչեւ այն ատեն միշտ նենգութեամբ էր գործած, ուստի իր առաջարկին անկեղծութեան հնար չէր վստահանալ, եւ ամէն տեսակ դարձուածներ միտքէ անցընել ներեալ էր: Մովսէս ալ իրաւամբ կրնար կասկածով վերաբերուիլ իրեն եղած առաջարկութեան. թէպէտեւ գործն ալ ըստ ինքեան ախորժելի պայմաններու մէջ չէր: Ուստի Մովսէս հրաժարելով հրաժարեցաւ ( ԴԱՎ. 172), եւ անկէ ետքը կատարած պիտի ըլլայ Ասպահանի ուղեւորութիւնը, եւ հոն անցուցած 1623-ի վերջին եւ 1624-ի սկիզբի օրերուն տօնական միջոցը:

1633. ՍԱՀԱԿ ԳԱՌՆԵՑԻ

Մելքիսեդեկի կողմէ յայտնուած` կաթողիկոսութիւնը ուրիշի փոխանցելու գաղափարը, արթնցուց իրեն եղբօրորդւոյն Սահակ Գառնեցի եպիսկոպոսին ախորժակը, որ մինչեւ այն ատեն կաթողիկոսին աջ բազուկն էր եղած, եւ զգացուց անոր` որ քանի որ ես եմ ժառանգ եւ որդի քո, պէտք չէ որ այլոց շնորհես քու կաթողիկոսութիւնդ: Մելքիսեդեկ աւելի յարմար գտաւ այդ փոխանցումը, վասնզի թէ վճարմանց պատասխանատուութիւնը ուրիշի վրայ ծանրացուցած կ՚ըլլար, եւ թէ այդ անձը իրեն հլու հպատակ մէկը կ՚ըլլար: Սահակի առաջարկին հաւանեցաւ, եւ անոր հետ մէկտեղ Էջմիածին եկաւ, եւ ի Հրեշտակապետաց կիրակի օրն, այսինքն է 1623 նոյեմբեր 9-ին զայն կաթողիկոս օրհնեց: Անկէ Երեւան եկաւ նոր կաթողիկոսով, զայն ժողովուրդին ներկայացուց, Ամիրգունա խանին ալ ճանչցուց, եւ անկէ խնդրեց որ Շահաբասին ալ ճանչցնէ, ինքն ալ յատկապէս գիր գրեց, թէ ես ծերացեալ եմ եւ անկարացեալ, վասն որոյ հրաժարեցայ, եւ զՍահակ որդիս իմ իմ տեղս կարգեցի, որ կաթողիկոսութիւնը պիտի վարէ եւ տուրքն ալ պիտի վճարէ ( ԴԱՎ. 172): Այստեղ Դավրիժեցին տիրող անկարգութիւնները բացատրած ատեն կը գրէ, թէ ոչ թէ մի էր, այլ երեք եւ չորք կաթողիկոսք կային ( ԴԱՎ. 221): Կաթողիկոսներու չորս թիւը լրացնելու համար, Դաւիթի, Մելքիսեդեկի եւ Սահակի վրայ պէտք կ՚ըլլայ Աւետիսն ալ աւելցնել, եւ այդ վերջինը մինչեւ 1623 կամ 1624 կենդանի ենթադրել: Արդէն գրած ենք որ անհնար է Աւետիսի մահուան թուականը ստուգութեամբ ճշդել ( § 1618), եւ եթէ կենդանի ալ ըլլար, ոչինչ կ՚արգիլէր որ նոյնիսկ Աւետիսի Էջմիածին գտնուած ատենը, Մելքիսեդեկ նոր կաթողիկոս մը աւելցնէր եղածներուն վրայ, թէպէտեւ Աւետիսին վերջի ատեններ Վրաստան քաշուած ըլլալուն խօսքն ալ կայ (11. ԱՄՍ. 69): Սահակի կաթողիկոսութեամբ մենք գահակալութեան կարգը փոփոխուած չենք կարծեր, որովհետեւ որչափ ալ Մելքիսեդեկ արքունի հրովարտակով Մայրաթոռոյ տէր կը նկատուէր, եւ իր իրաւունքն ալ նոյնպէս արքունի հաստատութեամբ Սահակի վրայ կը փոխանցէր, սակայն կանոնական իրաւամբ եւ եկեղեցական օրէնքով Դաւիթ կը մնար միշտ բուն գահակալը, թէպէտեւ Ասպահան քաշուած եւ անձուկ սահմանի մէջ պաշտօն վարող, սակայն ոչ հրաժարած էր եւ ոչ ալ ազգային ժողովով գահընկէց եղած: Հետեւաբար Մելքիսեդեկ ալ, Սահակ ալ, եւ նոյնիսկ Աւետիսն ալ` եթէ տակաւին կենդանի էր, երեքն ալ պարզ աթոռակիցներ էին, իսկ գահակալ կը մնար Դաւիթ Դ. Վաղարշապատեցին: Սահակ կը պատրաստուէր անձամբ երթալ դուռն շահին, որպէսզի վերջնական եւ հաստատուն ըլլայ սեպհականացուցանելն ի վերայ ինքեան զկաթողիկոսութիւն, թէպէտեւ գործի ձեռնարկած էր, եւ շահի ղուլերն, որոնք Մելքիսեդեկի հետեւորդներն էին ( § 1617), անցած էին Սահակին, եւ ընդ նմա շրջագայէին դրամ հաւաքելու համար ( ԴԱՎ. 173): Այդ միջոցին Մովսէս ալ Ասպահանէ դառնալով ( § 1632) կայր պարզամտութեամբ յիւրում տան ( ԴԱՎ. 227), այսինքն է Ս. Անանիայի վանքը: Մելքիսեդեկ միշտ դրամ ձեռք ձգելու իղձէն մղուած, մտածեց Մովսէսէն ալ գումար մը կորզել, ուստի երեւեցոյց թուղթ մի որպէս զթամասուկ, այսինքն է Մովսէսի անունով սուտ պարտամուրհակ մը կեղծեց, Ասպահանէ դարձին 100 թուման վճարելու իրեն, եւ պահանջին դատը Ամիրգունայի առջեւը հանեց: Մովսէս բացէբաց ուրացաւ, պարտաթուղթին կեղծ ըլլալը յայտնեց, եւ այնպէս անկեղծօրէն բացատրեց, որ խանն ալ եւ անոր իշխաններն ալ եւ ամէն մարդ իր սրտին մէջ Մովսէսի իրաւունք կու տար, միայն թէ օրինական վկայ չկար եւ դատը երկու ամիս կ՚երկարէր առանց վերջանալու: Ամբաստանողներն ալ ուզելով գործին մէջէն ելլալ, որոշեցին զայն վրաներնէն նետել, եւ Սահակ դատարանի մէջ յայտնեց թէ ինքն ալ Մելքիսեդեկ ալ թուղթին մասին ուղղակի բան մը չեն գիտեր, միայն թէ Համազասպ Հաւուցթառեցի` Երեւանի եպիսկոպոսն է զայն ներկայացուցած եւ խաբէութեան հեղինակը նա եղած պիտի ըլլայ: Ասով ուզեցին ոչ միայն իրենք ազատիլ, այլեւ Համազասպէ քէն լուծել, որ խրոխտ եւ ճարտարաբան հակառակորդ մըն էր իրենց, եւ մեծաբանութեամբ պակուցանէր զկողմն Մելիքսեթեան: Համազասպի համար ինչ կարգադրութիւն եղաւ չէ յիշուած, բայց այդչափը բաւական եղաւ եւ Ամիրգունա Մովսէսն արդարացուց, եւ ի նմին հանդէսի պատառեցին զթուղթն զայն ( ԴԱՎ. 228):

1634. ՄԵԼՔԻՍԵԴԵԿ Ի Կ. ՊՈԼԻՍ

Մելքիսեդեկ կը յուսար որ կաթողիկոսութիւնը ուրիշի փոխանցելով ինքն ազատութիւն կը գտնէ եւ հանգստութիւն կը վայելէ: Սակայն այնպէս չեղաւ: Եթէ պետական տուրքը Սահակէն պիտի պահանջուէր, սակայն փոխատու պահանջողներ ուղղակի Մելքիսեդեկը գիտէին, եւ կը շարունակէին անկէ պահանջել իրենց առնելիքը: Վերջին նեղութեան մէջ Մելքիսեդեկ ձեռք զարկաւ Էջմիածինի թանգարանին, եւ իբր վճարում կամ իբրեւ գրաւ սկսաւ պահանջատերէրուն յանձնել զսպառսպուռ մնացեալ անօթսն սրբոյ Էջմիածնի, մինչեւ իսկ Ս. Արիստակէսի եւ Ս. Ստեփանոսի աջերը ետ գրաւ առ այլազգի Մահմետականս, եւ նոր փոխառութեամբ հին փոխատուներ լռեցուց: Սակայն այս ալ հիմնական ազատութեան կերպ մը չէր, եւ կասկած ալ կար որ միւս այլ պարտատուք եկեալ նեղեսցէն, եւ հասած տեսաւ վերջնական դարմանին, այսինքն փախուստին ժամանակը: Ուստի օր մը, 1624 գարունին սկիզբները, լոկ սպասաւոր մը մէկտեղ առնելով` Էջմիածինէ ելաւ երեկոյին մթննալուն մօտ, եւ Երեւանի ճամբան բռնեց, բայց ճամբուն կէսէն ուղղութիւնը փոխեց դէպի Սահաթի փոսը` որ է Երասխի միւս կողմը, եւ անկէ շիտակ գնաց ի կողմն Կողբայ, հանդիպեցաւ Կաղզուան, եւ առանց ուրեք դադարելու Օսմանեան սահմանագլուխը անցաւ, եւ եկաւ Կարին: Այն տեղ ալ շատ չմնաց, այլ կամկար գնալով, եւ առանց իր շուրջը աղմուկ ու համբաւ հանել տալու, արագ գնացքով հասաւ Կոստանդնուպոլիս ( ԴԱՎ. 173): Այս հաշւով միեւնոյն 1624 տարին եղած է Մելքիսեդեկի Կոստանդնուպոլիս հասնիլը (11. ԱՄՍ. 12), երբ պատրիարք կը գտնուէր Յովհաննէս Խուլը, եւ իրեն պաշտպան ու գործակից էր Զաքարիա Վանեցին, Ասիակողման վիճակներու վերակացուն ( § 1630): Յայտնի էր արդէն Մելքիսեդեկի եւ ասոնց մէջ կանխաւ հաստատուած մտերմութիւնը, եւ երեքին ալ հաւասարապէս լատինամոլ կուսակցութեան պատկանիլը: Հետեւաբար Մելքիսեդեկի ներկայութեամբ աւելի զօրացաւ Խուլին կողմը, Մելքիսեդեկ ալ ոյժ առած կը խրոխտար գոչելով իբրեւ զառիւծ, որովհետեւ շրջապատուած ալ էր բազում անառակօք եպիսկոպոս անուանօք, եւ սուտ վարդապետովք իւր համախոհօքն, (11. ԱՄՍ. 13): Ասիկա վկայողը Դարանաղեցին է, որ Խուլին եւ Վանեցիին, հետեւաբար Մելքիսեդեկին ալ կողմնակից էր, բայց վերջիվերջոյ զզուանօք հեռացած էր անոնցմէ ( § 1630): Նոր համախմբեալ երեքները Մելքիսեդեկ եւ Յովհաննէս եւ Զաքարիա, համարձակ իրենց կիրքերուն ասպարէզը գտած, ոչ միայն յայտնի հրապարակաւ պահքը կը լուծէին, այլեւ պահեցողները անարգէին, եւ ոչ միայն հերձախօսութիւնք կը տարածէին, այլեւ բազում անառակութիւնք կը գործէին: Այդ ընթացքը պաշտպանելու յաւակնողներ, կը յայտարարեն թէ ասոնց ըրածը կաթողիկեայ, իմա' կաթոլիկ Հայերու` օրինօք ներեալ էր (11. ԱՄՍ. 12): Բայց չենք գիտեր թէ ինչ տարբերութիւն կայ ասոնց ըրածին, եւ Հայաստանի մէջ գտնուող զեղծ եկեղեցականներուն ընթացքին մէջ, զորս Դաւրիժեցին կը մեղադրէ թէ փափուկ եւ ազնիւ զգեստիւ պճնէին, եւ ի բոլոր տարին ուտիք եւ գինի եւ միս անխտիր կը ճաշակէին: Սակայն այս ընելով կաթոլիկ չէին ըսուեր ( ԴԱՎ. 220), եւ նոյնիսկ հռոմէականութեան պաշտպաններ Հայաստանի վանականներուն ալ կաթոլիկ չեն ըսած: Մեր նպատակը իւրաքանչիւրին կարծիքին դատախազ ըլլալ չէ, այլ միայն կը փափաքինք պատմական եղելութիւնները իրենց իսկութեան մէջ ներկայել, եւ հայադաւան մտայնութիւնը հիմնապէս լուսաբանել: Եղելութեանց կարգին դառնալով, երեքներուն ընթացքը այնչափ գէշ տպաւորութիւն գործեց, որ քահանայիւք եւ բազմամբոխ ժողովրդովք ցոյցեր կազմակերպուեցան անոնց դէմ, եւ Ներսէս Սեբաստացի վարդապետը, ճշմարտութեան իրաւանցն Աստուծոյ ջատագով եւ սրբասէր անձ մը, որ վերջէն Սսոյ աթոռն ալ բարձրացաւ, զօրավիգն եղեւ զայրացած եւ գայթակղած ժողովուրդին, որ վերջապէս յաջողեցաւ ցրուել զչար ժողով նոցա եւ հալածական առնել ի քաղաքն մեծէ (11. ԱՄՍ. 12): Մելքիսեդեկի Կ. Պոլիս հասնիլը 1624-ին տեղի ունեցած էր` աշունի ժամանակները, եւ գոնէ տարի մը այնտեղ մնացած պիտի ըսենք, զի ժամանակագրական պահանջներու համեմատ, 1625-ին վերջին ամիսներէն առաջ եղած պիտի չըլլայ Կոստանդնուպոլիսէ մեկնիլը:

1635. ԱՐՄԱՇԻ ՎԱՆՔԸ

Այստեղ ժամանակագրական կապակցութեամբ հարկ կը սեպենք պատմել Արմաշի վանքին հիմնարկութիւնը, որ մեծ կարեւորութիւն ունեցաւ առաջիկային պատմուելիք եղելութեանց մէջ: Արմաշու Չարխափան Ս. Աստուածածին վանքը, կը գտնուի համանուն գիւղին կից, Նիկոմիդիայէ դէպ արեւելեան հիւսիս երկարող լեռնաշղթային վրայ, որ աւանդութեամբ առաջին դարերու հալածանքներու ատեն քրիստոնեաներու ապաստարանն է եղած: Այժմեան Հայ վանքը հաւանաբար շինուած է յունական յանգած վանքի կամ եկեղեցիի մը տեղին վրայ: Թէպէտ վաւերական արձանագրութիւն կամ պատմութիւն չէ մնացած` հիմնարկութեան տարին եւ պարագաները ճշդող, սակայն աներկբայ է թէ հիմնարկութիւնը եղած է ԺԷ. դարուն առաջին տարիներու մէջ: Աւանդական յիշատակներ կը հաւաստեն թէ Ճէլալիներու երեսէն փախած գաղթականները բազմացուցած են այդ կողմերու հայաբնակութիւնը, եւ մենք գիտենք թէ շուրջ 1600-ին տեղի ունեցաւ Ճէլալիներու բռնութեանց ընդարձակուիլը ( § 1593), եւ վերջացաւ 1608-ին ( § 1595): Վանք մը հաստատելու գաղափարը ունեցած է Էջմիածինի նուիրակ Թադէոս եպիսկոպոս, որուն աւանդութիւնը տեսիլքներ եւ յայտնութիւններ ալ կը վերագրէ, եւ շատ մը դժուարութիւններ ալ կը պատմուին` գլխաւորապէս վանաշինութեան պետական արտօնութիւնը ձեռք ձգելու համար, զոր վերջապէս յաջողած է ստանալ Թադէոս` Նիկոմիդիոյ մէջ, Պարսից դէմ պատերազմի գացող մեծ եպարքոսէ մը: Այս պարագան ալ Ճէլալիներու ընկճուելէն ետքը տեղի ունենալուն կը յարմարի, երբ 1611 գարունին, մեծ եպարքոս Գույուճու Մուրատ փաշան ճամբայ կ՚ելլէր իբր Պարսից դէմ պատերազմին սպարապետ ( § 1605): Հաւանական է որ Թադէոս եպիսկոպոս կանուխէն շինութեան ձեռնարկած ըլլայ, սակայն հիմնարկէքի պաշտօնական թուականը յարմար է դնել 1611-ին, պետական արտօնութիւնը ստացած թուականին: Ասոր շատ յարմար կու գայ Դարանաղեցիին յիշատակարանն ալ, որ երբ 1612-ին պատրիարքական հասոյթներուն բաշխուելէն ետքը, իրեն բաժին ինկած Անատօլու փարաքանտային այցելութեան կ՚ելլայ, Արմաշ ալ կը հանդիպի, եւ իր Աստուածաշունչէն հինգ տերեւ թուղթ կը գրէ Արմաշու ժամատունն, ի դուռն նորաշէն վանք կոչեցելոյն` հուպ Արմաշու նորաշինիցն ( ԴՐՆ. ): Ասկէ կը հետեւի թէ Արմաշ գիւղ նոյն միջոցին նորաշէն մաս մըն ալ ունեցեր է, եւ անոր հուպ նորաշէն վանք մը հիմնուէր է: Այդ պարագան ալ աւանդութեամբ կը հաստատուի, թէ գիւղին մէջ Վարի գիւղ հնագոյն մաս մը եղեր է, եւ ետքէն Վերի գիւղ մաս մը աւելցեր է, եւ այս Վերի գիւղին հուպ կը գտնուի վանքը: Վանքին ալ բաւական կազակերպեալ վիճակ մը ունեցած ըլլալուն նշան է, որ Դարանաղեցին տակաւին Արմաշ չեկած, իր հետեւորդներէն Առջարկեցի Վահրատը յղած է Արմաշու ի նոր գիւղն, եւ իր Աստուածաշունչին ընդօրինակութեանը համար, այն տեղէն օրինակ մը բերել տուած է իր գտնուած տեղը, հաւանաբար Նիկոմիդիա քաղաքը: Դժբախտաբար ասկէ աւելի պատմական յիշատակ չունինք Արմաշու վանքին նախնական ժամանակին վրայ, թէ ինչ կարգով եւ կանոնով կազմուած էր վանականութիւնը, թէ ինչչափ անդամներ ունէր միաբանութիւնը, եւ թէ Մեծ-Անապատին կազմակերպութիւնն էflր արդեօք ( § 1621), Արմաշի մէջ ալ հաստատուածը: Միայն դիտելու է, որ թէպէտ Հայ վանքեր շատ են Փոքր-Հայոց մէջ, եւ շատ շատ են Մեծ Հայոց մէջ, սակայն ցանցառ են Փոքր-Ասիոյ հայ գաղթականութեանց մէջ, եւ Մէրզիֆունի եւ Անկիւրիոյ Չարխափան Ս. Աստուածածնի վանքերէն ետքը, որոնք հնագոյն են, միայն Արմաշի Չարխափանն է` որ վերջին դարերուն մէջ հիմնուած է, եւ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեան մերձաւորագոյն վանքն եղած է:

1636. ԹԱԴԷՈՍ ՀԻՄՆԱԴԻՐԸ

Արմաշու հիմնադիր Թադէոս եպիսկոպոսին վրայ խօսելով, մինչեւ հիմա այս անուն եպիսկոպոսի մը հանդիպած չենք ժամանակակից պատմութեանց եւ յիշատակարանաց մէջ, որ մերձեցնելով ծանօթութիւն մը քաղէինք անոր ծագումին եւ նախընթացին եւ գործունէութեան վրայ: Տեղական աւանդութիւնը զայն Նուիրակ կոչումով կը ճանչնայ, եւ երկու շրջան կը վերագրէ, մէկը Բիւթանիոյ, եւ միւսը Ղրիմու շրջանակներուն մէջ, Արմաշի մէջ հաստատուելէն առաջ: Նորա արժանիքին նկատմամբ ալ, ինքնըստինքեան նպաստաւոր փաստ մըն է վանաշինութեան գաղափարն ու ձեռնարկը, թէ իր հոգեւորական զգացմանց եւ թէ ժողովուրդի հոգածութեան տեսակէտէն: Նմանապէս բաւական կարողութեան ալ նշան է, դժուարին գործ մը գլուխ հանելը, եւ նոյնիսկ պետական արտօնութիւնն ալ իր նախաձեռնութեամբ ստանալը, երբ պատրիարքները աթոռի պայքարներով միայն կը զբաղէին ( § 1604): Արմաշի մէջ տիրած գաղափարը իրեն նպաստաւոր է եւ ցարդ ալ նոյնպէս կը մնայ: Միայն վերջին օրեր Դարանաղեցիին Երուսաղէմի մէջ պահուած ձեռագիրէն հատուած մը հաղորդուեցաւ ինձի, ուր Արմաշու Թադէոս եպիսկոպոսը շատ տգեղ գոյներով նկարագրուած է եւ կոչուած է Թադէոս անուն թերահաւատ, ի պոռնիկ երիցաթողէ եղած եպիսկոպոս, որ կայր ի նորաշէն վանս Արմաշու, որ ոչ օրինաց հոգ ունէր, եւ ոչ յԱստուծոյ ահ եւ երկիւղ կը կրէր, եւ ոչ ի մարդոյ ամօթ, ոչ պաս գիտէր եւ ոչ ուտիս ի գինեմոլութիւնսն, ոչ մեղաց բնաւ զղջումն ունէր, այլ անյուսութեամբ գործէր զամենայն չարիս, եւ էր բարիատեաց եւ չարասէր, եւ այնպէս անզղջութեամբ մեռաւ: Դարանաղեցիին այդ նկարագիրը, եթէ ստոյգ լիներ, հարկ կ՚ըլլար Թադէոսը աշխարհի չարագոյն մարդը նկատել, սակայն մենք քիչ մը կասկածով պիտի վերաբերուինք Դարանաղեցիին վկայութեան: Նոյն ձեռագիրին մէջ Դարանաղեցին նախապէս կը յիշէ, թէ ինքն էր ի նորաշէն վանսն Արմաշու, որ յանուն Սուրբ Աստուածածընին էր, եւ կ՚աւելցնէ եւս, ի մեր ձեռակերտին: Արդ Դարանաղեցին, ինչպէս Աստուածաշունչին յիշատակարանէն կը քաղուի, մէկ անգամ միայն, եւ այն ալ կարճ ժամանակաւ գտնուած էր Արմաշու նորաշէն վանքը, ուստի կը հետեւի թէ վանքը իր երթալէն առաջ շինուած էր, եւ թէ վանքին շինութեան ատեն ինքը հոն չէր: Ուստի անհիմն պարծենկոտութենէն զատ բան մը չէ ի մեր ձեռակերտին գրելը, որուն պատճառ եղած է անշուշտ, այն կողմերուն վերակացուն ըլլալը, եւ վանքին իր իշխանութեան սահմանին մէջ գտնուիլը: Ամենայն հաւանականութեամբ Թադէոս, որ վանքը հիմնարկելու համար այնչափ աշխատութիւն թափած էր, ընդդիմացած պիտի ըլլայ նոր վերակացուին միջամտութեան, եւ վանքը Կեսարացիին իշխանութեան ատեն շինուած ըլլալով, Թադէոս անոր բարեկամ` եւ Խուլին եւ անոր կողմնակիցներուն հակառակորդ եղած պիտի ըլլայ: Ըստ այսմ յայտնի կ՚ըլլայ թէ Դարանաղեցիին զայրոյթը Թադէոսը հպատակեցնել չկրնալուն հետեւանքն է, եւ նկատողութեան արժանի է, որ միայն հինգ տերեւ թուղթ գրելու չափ կրցած է Արմաշ մնալ: Թադէոսի մասին գրուած մեղադրանքներն ալ ընդհանուր խօսքեր են եւ անհաւատալի ըլլալու չափ չափազանցութիւններ, եւ ժամանակին սովորական դարձած` իրարու դէմ խօսուած ու գրուած նախատինքներ: Իբրեւ դրական եղելութիւն կը գտնենք միայն Թադէոսի շուշտակ վարդապետ եւ եպիսկոպոս եղած ըլլալը, որ յանցանք մը չէ, եւ մէյ մըն ալ Աբրահամ Տիվրիկցի անուն աշխարհական անձ մը, որ երեսուն տարի կեղծ քահանայութիւն է ըրեր, աբեղայ եւ քահանայ ձեռնադրած ըլլալը, զոր Դարանաղեցին իր իշխանութեան ատեն ուզեր է արգելել, բայց Եալովայի գիւղացիք զայն պահեր են` իրեն յաջողութեան եւ օգտակարութեան համար, Խուլին եւ Զաքոյին հրամանագրով, եւ իր հրամանին չեն անսացեր: Ասոր ալ պատճառը, հարկաւ տարիէ մը Ասիակողման վերակացութիւնը թողուլն է, որովհետեւ Զաքոյ կամ Զաքարիա Վանեցին ստանձնեց անոր բաժինը, եւ ինքն Ռումէլիի կողմը քաշուեցաւ: Մենք չենք ուզեր Թադէոսը իբրեւ սրբութեան տիպար մը ներկայել, բայց եւ ոչ կրնանք զայն դատել Դարանաղեցիին տեսութեամբ, որ Թադէոսի չափ ալ արդիւնք մը չունի, եւ ընդօրինակողէ եւ հասարակ գրագիրէ բարձր անձ մը եղած չէ:

1637. Կ. ՊՈԼՍՈՅ ԱՆՑՈՒԴԱՐՁԸ

Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքարանին դառնալով, պէտք է յիշենք թէ Մելքիսեդեկի եւ Յովհաննէսի եւ Զաքարիայի վարած կեանքը ընդհանուր զայրոյթ պատճառած էր ժողովուրդին մէջ ( § 1634), եւ կարի յարմար կու գայ այդ միջոցին պատշաճեցնել Խուլին մէկ արկածը: Կ. Պոլսոյ քահանաներ հնարիւք իմն կը տանին զայն Նառլըքաբուի կողմը գտնուող Արիֆներաց գինետունը, եւ Եէնիչէրիներու գլխաւորին լուր տալով իրենք խոյս կու տան, մինչ Եէնիչէրիներ եկեղեցական մը գինետունի մէջ տեսնելով, զվարդապետն առնեն բրածեծ, թէպէտ այն կ՚աղաղակէր թէ տեղեակ չեմ տեղւոյս: Որչափ ալ եղածը խաղ մըն էր, սակայն Քէօմիւրճեան, որ միջադէպը կը պատմէ, կը յայտնէ թէ Խուլ Յովհաննէս վարդապետն տեղացի, այսինքն է Կոստանդնուպոլսեցի, ծանօթ էր իբր ի բարս շամբշական ապրող մը ( ՉԷԼ. 6): Առանց այս դիտողութեան ալ, քահանայից մտածած խաղը, նոյնիսկ Խուլին կենցաղէն գրգռուած ըլլալով, կը լուսաբանէ անոր ընթացքը: Այդ ընդհանուր գրգռութեան մէջ Մելքիսեդեկ կը յուսահատի Կոստանդնուպոլսոյ մէջ յաջողութիւն գտնել, եւ տեսնելով որ անդ եւս ոչ ընկալան զնա ժողովուրդք եւ վարդապետք ժամանակին ( ԴԱՎ. 174), ուր արդէն լաւ անուն մը չէր թողած իր պատրիարքութեան օրէն ( § 1581), կը մտածէ այլուր փնտռել իր բախտը, եւ կ՚ուղեւորի դէպի Լեհաստան, յուսալով օգտուիլ Իլվովի Հայ գաղթականութեան միամտութենէն եւ հարստութենէն: Մելքիսեդեկի մեկնիլը Հայոց 1065-ին կը գրուի, բայց որովհետեւ ամանորը 1625 հոկտեմբեր 16-ին կ՚իյնար, կրնանք նոյն 1625 տարւոյ վերջերը դնել անոր Կոստանդնուպոլիսէ մեկնիլը: Ճիշդ այդ միջոցին Գրիգոր Կեսարացին նորէն Կ. Պոլիս կը դառնար, Մինաս Կարնեցի եւ Յովհաննէս Երզնկացի եպիսկոպոսներու ընկերակցութեամբ, առիթէն օգտուելով Խուլը տապալելու համար (11. ԱՄՍ. 13): Գուցէ անոր հասնիլն ալ Մելքիսեդեկի հեռանալուն պատճառներէն մէկն էր: Խուլը իր իսկ գրած մէկ յիշատակարանին մէջ, ինքզինքը պատրիարք այսմ նահանգիս կը կոչէ 1625 ապրիլին (11. ԱՄՍ. 12), սակայն 1626-ին կամ 1625-ին վերջերը` հայկական ամանորին հաշուով, Կեսարացին արդէն Խուլը փախուցեալ էր ի Պրուսա, եւ ինքն տիրեալ էր պատրիարքարանին բռնութեամբ (11. ԱՄՍ. 16), ինչ որ կ՚ակնարկէ ուրիշ տեղ ըսուածին, թէ քահանայիւք եւ բազմամբոխ ժողովրդովք յաջողած էին ցրուել զչար ժողով Մելքիսեդեկի եւ Յովհաննէսի եւ Զաքարիայի, եւ հալածական առնել ի քաղաքէն մեծէ: Զի Մելքիսեդեկ գացած էր ի Սկիւթացւոց աշխարհն որ այժմ Լեհ ասի (11. ԱՄՍ. 12), եւ որ ուրիշ տեղ յաշխարհն Ռուսաց է ըսուած ( ԹՈՐ. Բ. 478): Յովհաննէս փախած էր ի Պրուսա, եւ Զաքարիա իր Ասիակողման բաժինը քաշուած:

1638. ՄԵԼՔԻՍԵԴԵԿ ԵՒ ՆԻԿՈԼ

Երբոր Մելքիսեդեկ Իլվով հասաւ, իրեն արծաթասիրութեան բարեպատեհ առիթ մը գտաւ, եպիսկոպոսական աթոռին պարապութիւնը եւ նոր ձեռնադրութեան պատեհը: Խաչատուր եպիսկոպոսէ ետքը` որ 1467-ին Արիստակէս աթոռակալէ ձեռնադրուած էր ( § 1502), Լեհաստանի եպիսկոպոսներու շարայարութիւնը կը կազմեն, Ստեփանոս, Գալուստ, Գրիգոր Վարագցի, Պարսամ Տրապիզոնցի, Յովհաննէս-Գալուստ, եւ Կարապետ-Գաբրիէլ ( ԿԱՄ. 5), եւ վերջապէս Մեսրոպ Կաֆացի արքեպիսկոպոս ( ԲՌՆ. 154), որ վախճանած էր 1623-ին ( ԲՌՆ. 21), եւ աթոռը պարապ մնացած էր մինչեւ Մելքիսեդեկի հասնիլը, 1626-ին սկիզբները: Ըստ այսմ աթոռի պարապութիւնը ամս ինչ տեւած կ՚ըլլար եւ ոչ ամիսս ինչ ( ԲՌՆ. 2): Իսկ Ղազար Բաբերդցի վարդապետ մը, որ 1624-ին ինքզինքը առաջնորդ սուրբ ուխտիս եւ Օլախաց երկրիս ( ՏԱՇ. 718), եւ ուրիշ տեղ ալ Ուլախաց երկրի եպիսկոպոս կ՚անուանէ ( ՏԱՇ. 708), միայն Վալաքիոյ մասին առաջնորդն եղած է: Իլվովի գլխաւոր աթոռին պարապութեան պատճառն եղած է ընտրութեան մասին երկպառակութիւնը, վասնզի ոչ միայն եկեղեցական կանոններով, այլեւ Լեհ թագաւորներէ ճանչցուած օրէնքներով, ժողովուրդք եւ եկեղեցականք Հայոց Իլվովայ, ունէին իրաւունս անկախ ընտրութեանց ( ԲՌՆ. 154): Մելքիսեդեկ խնդիրը լուծելու համար իբր միակ փաստ կը ճանչնար իրեն գալիք գումարը, ուստի մէկ կողմ թողուց ժողովուրդին ընտրելիները, եւ տեսանելով զյոլովութիւն առձեռն պատրաստ ոսկւոյն, նաեւ զակնկալութիւն եւս յոլովից ոսկւոց, ինչպէս Դավրիժեցին կը գրէ ( ԴԱԼ. 280), կամ թէ կաշառեալ բազում ոսկւով, ինչպէս Լատին պատմիչն ալ կը խոստովանի ( ԲՌՆ. 154), առաջուընէ հարիւր յիսուն ղուռուշ կտրեցին իբր գին ( ԿԱՄ. 203), եւ առանց ումէք յայտնելու, եւ ժողովուրդէն գաղտնի, օր մը կ՚առանձնանայ մերձակայ Հաճկատար Ս. Խաչ վանքը ( ԲԺՇ. 102), եւ դռնփակ եկեղեցւոյ մէջ եպիսկոպոս կ՚օծէ Նիկողոս Թորոսեան, կամ տեղական յորջորջմամբ Նիկոլ Թորոսովիչ 22 տարեկան աբեղայն, բնիկ Իլվովցի Յակոբ Թորոսովիչ անուն մեծահարուստ վաճառականի մը որդին ( ԿԱՄ. 143), որ ոչ ումեք էր սիրելի, եւ ոչ արժանաւոր այնմ աստիճանի, ինչպէս կը վկայէ լատին պատմիչն ալ ( ԲՌՆ. 154): Հազիւ թէ կը լսուի Մելքիսեդեկի գործը, ժողովուրդը կը յուզուի, այնպէս որ փոքր մի եւս եւ զէն առնոյր, եւ ի մասունս մասունս կոտորէր զկաթողիկոսն եւ զձեռնադրեալն ի նմանէ ( ԲՌՆ. 21), իսկ Մելքիսեդեկ խորամանկութեամբ ( ԲՌՆ. 154) կը յայտարարէր թէ ուրիշ վիճակի համար ձեռնադրած է, եւ Նիկոլն ալ մէկտեղ առնելով կը փութար Իլվովէ մեկնիլ Կամենից երթալու, անկէ ալ ի հայրենիս իւր դառնալու յայտարարութեամբ: Երբ Եազլովից կը հասնին, Մելքիսեդեկ կ՚առաջարկէ Նիկոլի Իլվով դառնալ ( ԲՌՆ. 21), իսկ սա կը ստիպէ եւ զինքն չընդունողներուն դէմ բանադրանքի եւ նզովքի կոնդակ մը կ՚առնէ Մելքիսեդեկէն, եւ անով զօրացած կը դառնայ Իլվով: Մերձաւոր կիրակէին զայն հանդիսապէս կը հրապարակէ, իսկ ժողովուրդը թէպէտ եւ տրտմեալ մեծաւ ոգով, բայց վհատեալ սրտիւ եւ ափիբերան եղեալ լռեցին ( ԴԱՎ. 281), պատկառելով կաթողիկոսին անէծքէն: Այս կերպով Նիկոլ աթոռը գրաւեց, եւ ժողովուրդը թէպէտ յակամայս, բայց հպատակեցաւ, եւ իբր երկու տարի առանց վրդովման անցաւ, եւ Նիկոլ իր իշխանութեան մէջ հաստատուեցաւ ( ԲՌՆ. 21):

1639. ՄԵԼՔԻՍԵԴԵԿԻ ՄԱՀԸ

Իսկ Մելքիսեդեկ Եազլովիցէ, ուր Նիկոլէն բաժնուեցաւ, եկաւ Կամենից, եւ չենք գիտեր թէ ուր երթալ կը մտաբերէր, զի Էջմիածին չէր կրնար դառնալ, Կ. Պոլիս ալ յաջողութիւն չէր գտած, մանաւանդ որ Կեսարացին ալ արդէն պատրիարքական աթոռը գրաւած էր: Յիշատակարանի մը մէջ կ՚ըսուի թէ եկած է ի Լէոպոլիս` կամելով գնալ ի Հռոմ ( ՏԱՂ. 111), սակայն ուրիշ կողմէ մը չհաստատուիր, եւ յիշատակագիրն ալ հեղինակաւոր մը չի ներկայանար: Ուստի կ՚երեւի թէ ինքն ալ որոշում մը չէր տուած, զի զկնի սուղ ինչ աւուրց հիւանդացաւ աղուհացից օրերուն մէջ, եւ քիչ օր ետքը մեռաւ Կամենից քաղաքը, 1626-ին ի տօնի յարութեան Ղազարու, որ է ըսել ապրիլ 1-ին, եւ այնտեղ թաղուեցաւ, ( ԴԱՎ. 283), ուր կը տեսնուի տակաւին իր գերեզմանը Աւետման եկեղեցւոյն մէջ, փորագրեալ պատկերն ալ պատին վրայ ( ԲԺՇ. 152): Յիշատակարանի մը մէջ 1628-ին ի հայրապետութիւն տեառն տէր Մէլքիսէթ կաթողիկոսին կարդացուած ըլլալը ( ՏԱՇ. 708), պարզապէս հայկական թուականին մէջ Ե. եւ Է. թուատառերու շփոթութեան հետեւանք է, զի Մելքիսեդեկի մահուան թուականը ստուգուած է: Մելքիսեդեկի արկածախնդիր, փառամոլ, արծաթասէր եւ նենգամիտ կեանքը փակելով` գնահատումի կամ գովեստի արժանաւոր ոչ մի կէտ չենք գտներ առաջ բերելու համար: Իր աթոռակցութեան կոչուած օրէն 33 տարի գործի վրայ գտնուեցաւ, բայց երբեք օգտակար ծառայութիւն մը չկատարեց, որուն ակնկալութեամբ Դաւիթ զինքն բարձրացուց, կամ թէ ինքն ինքզինքը բարձրացնել ստիպեց ( § 1581): Բոլոր նպատակն եղաւ Դաւիթը եւ ուրիշ աթոռակիցները անշքացնելով ինքն տիրանալ իշխանութեան. Դաւիթը որչափ կրնար հեռու եւ անգործ պահեց, Սրապիոնը նենգութեամբ հեռացուց, Աւետիսը անկարեւոր դիրքի մէջ թողուց, բայց ինքն ալ իրեն ուրիշ վայելք չպատրաստեց, բայց եթէ լոյծ եւ ընդարձակ կենօք զուարճանալու դիւրութիւնը ( ԴԱՎ. 153): Բաւական նեղութիւններ ալ կրեց, բրածեծ հարուածներ, շղթայակապ բանտարկութիւններ, կալանաւոր թափառումներ, մինչեւ իսկ իր միսը ուտել բռնադատուեցաւ ( § 1608), սակայն այս ամէնը, որ խոստովանողական արժանիքի պատճառներ կրնային ըլլալ, ոչ մի փառաւորութիւն չբերին իրեն, զի ոչ հաւատքի համար կրեց, եւ ոչ առաքինական հոգւով տարաւ, այլ պարզապէս իր արծաթասէր եւ նենգամիտ գործերուն հետեւանքները կրեց: Դաւանութեան կողմէն ալ տկարամիտ թուլութենէ եւ շահադիտական շողոքորթութենէ տարբեր երեւոյթ մը չենք տեսներ իր վրայ: Իրեն վերագրուած գիրերուն եւ իր անունով Հռոմի պապերուն ուղղուած նամակներուն վրայ հիմնական վերապահութիւններ յայտնեցինք իր կարգին ( § 1601), եւ անոնց պարունակութեանց չափազանցութիւնը դիտել տուինք, որ գրածին լուրջ արժէքը կը կոտրէ: Բայց եթէ իբր իսկապէս իրն ալ ընդունինք, չենք գիտեր ինչ ոյժ կրնայ վաստկիլ հռոմէականներուն պաշտպանած խնդիրը, անուղիղ անձի մը վկայութեամբ: Նա ոչ միայն իր անհատական արժէքով ոչ մի ոյժ չի կրնար ունենալ, այլեւ պաշտօնական տեսակէտէն ոչ մի հեղինակութիւն չունի, քանի որ երբեք գահակալ կաթողիկոս եւ եկեղեցւոյ պաշտօնապէս պետը չէ եղած, եւ Դաւիթը նենգութեամբ հեռացնելով, ու արքունի հրովարտակով զօրանալով ալ, երբեք գահակալ կաթողիկոս չի դառնար: Ուստի եւ Հայաստանեայց եկեղեցւոյն բուն հայրապետներուն շարքին չի մտնար իր անունը, հակառակ սովորական ցուցակներու մէջ անցած ըլլալուն ( ԺԱՄ. 637), գահակալի եւ աթոռակիցի տարբերութեան միտք դարձուած չըլլալուն պատճառով:

1640. ՊԱԼԱԹՈՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, Կեսարացիին նորէն աթոռին տիրանալուն ատենները Պալաթ թաղին եկեղեցիին խնդիրը կը յուզուէր: Այդ թաղին պատկանող Կէօմրիւկիւ Ս. Նիկողայոս եկեղեցին, որ առաջ լատին եկեղեցի եղած կ՚ըսուի (11. ԱՄՍ. 472), եւ յետոյ Կաֆացի Հայերուն անցած, եւ վերջերս թաղին ազգային եկեղեցին էր եղած, կառավարութեան կողմէ գրաւուելով մզկիթի վերածուած էր, եւ այսօր ալ Քէֆէլի Ճամի անունով կը կոչուի: Եղելութիւնը մեծապէս յուզած էր Հայերը, բայց թէ Գրիգոր Կեսարացին եւ թէ Յովհաննէս Խուլ հաւանաբար Պրուսայէ դարձած ( § 1547), մին պատրիարք եւ միւսը մրցակից, համաձայն կը գտնուէին գործին մտադրութիւն չդարձնելու մէջ, որովհետեւ իրենց բոլոր աղմուկ եւ խռովութիւն հանելը պատրիարքութեան համար էր, եւ երկուքն ալ պէտք ունէին կառավարական պաշտպանութեան, եւ չէին կրնար կառավարութեան հակառակ խօսիլ: Անոնց անհոգութեան հանդէպ գործին հետամուտ կը գտնուէր Արիստակէս Խարբերդցի վարդապետը, որուն օգնական կ՚ըլլար Դարանաղեցի Գրիգոր վարդապետը, որ 1628-ին Երուսաղէմէ դարձած էր, շփոթութեան միջոցին: Ասոնք գրաւուած եկեղեցին ետ առնելու անհնարութեան առջեւ, յաջողեցան արտօնութիւն ստանալ նոր եկեղեցի մը շինելու եւ պայծառացնելու, լքեալ եւ աւերակ յոյն եկեղեցւոյ տեղը, որ է այժմեան Պալաթու Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցին: Երբոր այդ խնդիրը կը յուզուէր եւ կը կարգադրուէր, Կեսարացին աթոռէն հեռացած էր 1627-ին Լեհաստան երթալու դիտմամբ, իսկ Կ. Պոլսոյ մէջ պատրիարքութեան փոխանորդ կը թողուր Յովհաննէս Երզնկացին, որ Պակթամուրձագ կոչուած է, հաւանաբար Թիմուր պէկի զաւակ իմաստով, եւ անոր ալ օգնական էր Մինաս Կարնեցին: Ասոնք Արիստակէս Խարբերդցիին եւ Գրիգոր Դարանաղեցիին յաջողութիւնը իրենց եւ իրենց պետին անպատուութիւն նկատելով, երկուքն ալ կը հալածէին, եւ անոնք ալ պարտաւորուած էին ապաւինիլ Ղալաթիոյ եկեղեցին (11. ԱՄՍ. 16), որ Դարանաղեցիին իշխանութեան ներքեւ կը գտնուէր, իբրեւ յարակից մաս Ռումելիի վերակացութեան ( § 1604): Չենք կրնար ճշդել թէ որ օր Կեսարացին Կ. Պոլիսէ մեկնեցաւ, վասնզի Կամենից հասնիլը գիտենք, բայց ինչ ճամբով գացած եւ առաջ որ տեղեր հանդիպած ըլլալը չենք գիտեր, ինչպէս նաեւ չենք գիտեր թէ ինչ միտքով Կոստանդնուպոլիսէ կը հեռանար տագնապալի ժամանակին մէջ: Ուստի անորոշ կը մնայ, թէ պատուաւոր նահանջ մըն էր ըրածը, առանց հրամանաց արքունեացն մնացած ըլլալուն համար, թէ ոչ Մելքիսեդեկի հոն երթալն ու մեռնիլը եւ Լեհաստանի մէջ սկսուած երկպառակութիւնները, առիթ կ՚ընծայէին գործերը քննելու եւ կարգադրելու, եւ միանգամայն օգտակար արդիւնք մըն ալ ձեռք բերելու: Տեղ մը հարեւանցի յիշուած է թէ Լեհաստան չանցած Էջմիածին հանդիպած ըլլայ (11. ԱՄՍ. 19), սակայն ոչ տեղեկութեան աղբիւրը ցուցուած է եւ ոչ նպատակը բացատրուած: Դավրիժեցին ասանկ բան մը չի յիշեր բնաւ, եւ Կեսարացիին Կ. Պոլիսէ մեկնելուն եւ Լեհաստան հասնելուն թուականներն ալ չեն ներեր Էջմիածինի ուղեւորութեան պէտք եղած ժամանակը պարունակել: Իսկ Պալաթու նորաշէն եկեղեցին յետ քանից աւուրց վնասուեցաւ, զի հրայրեցութիւն եղեւ, եւ որովհետեւ Արիստակէս Պրուսա անցած էր, Դարանաղեցին գլուխ կանգնեցաւ նորոգութեան, եւ մեծահանդէս տօնիւք եւ ցնծութեամբ նաւակատիքը կատարեց: Բայց երբ ծախուց հանգանակութեան սկսաւ, քահանաներ անոր թշնամացան իրենց հասոյթին կարճելուն համար, եւ փոխանակ շնորհակալութեան վիրաւորեցին սրտիւք, եւ Դարանաղեցին խռովութեամբ նորէն Ղալաթիա քաշուեցաւ ( ԴՐՆ. ):

1641. ԿԵՍԱՐԱՑԻՆ ԵՒ ՆԻԿՈԼ

Նիկոլ եպիսկոպոս որ 1626-ին սկիզբները Մելքիսեդեկէ ձեռնադրուած եւ նզովքի սպառնալիքով աթոռին տիրացած էր ( § 1638), տակաւին երիտասարդ ու բնիկ Իլվովցի, տեղացի Լեհերուն հետ սերտ կապակցութեան մէջ, եւ հօրը հարստութեամբը պետական յարաբերութիւններ ալ կապած, իր հայազգութենէն շատ թուլցած, եւ Լեհերուն ազգութեան եւ կրօնքի համակերպութիւն զգացած էր, եւ այդ ոգւով ալ կը վարէր իր եպիսկոպոսութիւնը, թէպէտ եւ պաշտօնապէս հայադաւանութիւնը կը պահէր: Դէպ եղաւ որ 1627-ին վերջերը Կամենից եկաւ, եւ հոն Խաչկոյ անուն սարկաւագ մը աբեղայ ձեռնադրեց Ոնոփրիոս անունով, դեկտեմբեր 2-ին: Ճիշդ այս օրերուն Կամենից կը հասնի Կեսարացին: Նիկոլ, կամ այն է որ շտապ ունէր Կամինիցէ մեկնիլ` եւ միանգամայն նորընծային առաջին պատարագին նուէրներէն չի զրկուիլ, կամ թէ թեթեւօրէն կը նայէր Հայ ծէսին պահանջներուն վրայ, 15 օրէն դեկտեմբեր 16-ին կ՚ուզէ Ոնոփրիոս աբեղան քառասունքէն հանել եւ առաջին պատարագը ընել տալ, եւ Կեսարացին ալ հանդէսին կը հրաւիրէ: Բայց սա, խստապահանջ պահպանող անձ մը, հրաւէրը մերժեց, եւ միանգամայն պնդեց թէ պարտ է լիով պահել զքառասունքն ըստ աւանդութեան Հայաստանեայց եկեղեցւոյ: Միւս կիրակիին Նիկոլ իր միտքը պնդեց եւ Կեսարացին նորէն հրաւիրեց, բայց նա` խօսքն մէկ կու լինի պատասխանելով, կրկին ընդդիմացաւ ( ԴԱՎ. 282): Այս անգամ Նիկոլ իր կամքը կատարեց, եւ դեկտեմբեր 23-ին Ոնոփրիոս նորընծային առաջին պատարագը ընել տուաւ, միանգամայն փակել տալով միւս եկեղեցին, որ Կեսարացին այն տեղ արարողութիւն չկատարէ: Սա ալ վշտանալով հրատարակեց, թէ անիծեալ լինի որ այսօր գնայ յայն եկեղեցին, եւ այսպէս փակեալ եղեն երկուց եւս եկեղեցեաց դրունքն. ու ժողովուրդը մնաց առանց ժամի եւ պատարագի, թէպէտ դեկտեմբեր 24 երկուշաբթին Դաւիթի մարգարէին տօնն էր, եւ յաջորդաբար էին աւուրք աւագ տօներուն ( ԴԱՎ. 283): Նիկոլ իր հակառակութիւնը յառաջ տանելով, Կամենիցի կառավարիչին գնաց, որուն անունն էր Լուքաշ, եւ ըսաւ թէ այդ վարդապետդ, որ ի Թուրքի աշխարհէն եկեր է, չաշուտ է եղեր, եւ Լուքաշ իսկոյն իբրեւ ի դիպահոջ, եւ հազիւ զօրաւոր միջնորդութեանց վրայ հաճեցաւ որ դառնայ ընդ որ եկեալն էր, եւ Կեսարացին ստիպուեցաւ 1628-ին սկիզբները դառնալ Բուղդան, որ է Մոլտաւիա, եւ անկէ Ռումելի անցնիլ, հարկաւ Կոստանդնուպոլիս դառնալու միտքով, ուր պատրիարքական տեղակալ թողած էր Յովհաննէս Երզնկացին: Ճամբէն գրեաց գիր բանադրանաց, նզովից եւ կապանաց ի վերայ Նիկոլին, ( ԴԱՎ. 284), եւ կ՚ըսուի թէ եօթն թիզ էր թուղթն ( ԿԱՄ. 206): Գիրը Իլվով ալ հասցնել տուաւ, միայն թէ Նիկոլ ոչինչ հոգաց, եւ անտարբեր կերպով շարունակեց իր գործն ու պաշտօնը, եւ կայր ի կարգի իւրում ( ԴԱՎ. 284): Սակայն շշուկը տարածուեցաւ ժողովուրդին մէջ, որ անոր ձեռնադրուելուն հակառակած էր, եւ միայն Մելքիսեդեկի բանադրանքին սպառնալիքովը զսպուած: Նիկոլի եպիսկոպոսանալէ ետքն ալ ունեցած կենցաղէն եւ լատինամիտ ընթացքէն զզուած ըլլալով, առիթ գտաւ իր տժգոհութիւնը յայտնապէս ցուցնել, եւ օր յաւուր զօրանային ներհակքն ի վերայ Նիկոլին ( ԴԱՎ. 284): Լատին պատմիչն ալ կը վկայէ, թէ Նիկոլ, որ համբաւեալ էր յանդուգն գոռոզութեամբ եւ բարկացոտ բարւուք, ի սուղ ժամանակի հակառակորդս իւր յարոյց զդատաւորս Հայոց ( ԲՌՆ. 154), որոնք են ազատ հայաքաղաքին երկոտասանից ժողովին անդամները, Վոյթ կոչուած իշխանապետի մը նախագահութեամբ ( ԲԺՇ. 116):

1642. Կ. ՊՈԼՍՈՅ ՄՐՑԱԿԻՑՆԵՐԸ

Կեսարացին երբոր 1628-ին Լեհաստանէ վտարուեցաւ, միտքը իր պատրիարքական աթոռը գրաւելն էր անշուշտ, զոր յանձնած էր Յովհաննէս Երզնկացիին պահպանութեան, կամ լաւ եւս պաշտպանութեան, սակայն իրաց կացութիւնը բոլորովին փոխուած գտաւ: Կեսարացիին բացակայութիւնը տկարութիւն բերած էր իր կողմին, Խուլն ալ արդէն անարգուած եւ ազդեցութիւնը կորուսած, մանաւանդ Մելքիսեդեկի գալէն ետքը տեղի ունեցած գայթակղութեանց երեսէն ( § 1637), պէտք տեսաւ Կ. Պոլիսէ հեռանալ, եւ ինքն ալ բռնեց Մելքիսեդեկի եւ Կեսարացիին ճամբան, եւ ուղեւորուեցաւ Լեհաստան: Հարկաւ մեծ եղած պիտի ճանչնանք Լեհաստանի Հայ գաղութին ստացած կարեւորութեան եւ դրամական կարողութեան համբաւը, որ բոլոր բարձրաստիճան եկեղեցականներ իրարու ետեւէն այն կողմեր կը դիմէին` բախտաւորուելու ակնկալութեամբ: Եղելութեանց յարակցութիւնները կը թելադրեն կարծել, որ Կեսարացիին եւ Նիկոլին մէջ տեղի ունեցած հակառակութեան, եւ Կեսարացիին եւ Խուլին մէջ տիրող անհաշտելի ներհակութեանց հետեւանօք, Նիկոլ ինքն դիմում ըրած ըլլայ Խուլին, որպէսզի անոր հեղինակութեամբ եւ ներկայութեամբ իր դիրքը զօրացնէ, եւ Կեսարացիին նզովքին պատճառով ծագում առած տխուր տպաւորութիւնները ջնջէ: Իրօք ալ կը տեսնենք որ Խուլը լաւ ընդունելութիւն կը գտնէ Լեհաստանի մէջ, եւ հաշտ կ՚ընթանայ Նիկոլի ուղղութեան հետ: Երբոր Կեսարացին եւ Խուլը, երկու հզօր մրցակիցներ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքական գործունէութենէ կը քաշուին, ասպարէզը բաց կը մնայ Վանեցիին, որ 1613-ի բաշխումէն ի վեր ( § 1604), Կոստանդնուպոլսոյ մերձաւոր Ասիակողման վիճակներուն վերակացութիւնը կը պահէր, եւ իրօք ալ կը յաջողի 1628-ին տիրանալ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեան, եւ արքունական հաստատութիւնն ալ ընդունիլ (11. ԱՄՍ. 74): Թէ Կեսարացին Կոստանդնուպոլիս կը հանդիպի կամ ոչ, ճշդելու աղբիւր մը չունինք, միայն գիտենք թէ նա Կեսարիա գացած է ( ԲՌՆ. 155), եւ իր պահեստի առաջնորդական վիճակը քաշուած է, առանց բնաւ իր միտքէն հրաժարելու, որ էր կրկին Կոստանդնուպոլսոյ աթոռը գրաւել: Պատմական յիշատակներ մեզի ընդհանուր եղելութիւններ միայն ցոյց կու տան, իսկ անոնց կապակցութեան համար բաղդատական ուսումնասիրութիւններով կ՚առաջնորդուինք: Այսու հանդերձ չենք կրնար որոշ բան մը ըսել Կեսարցիին Կեսարիոյ մէջ ունեցած գործունէութեան, եւ իր մտադրութեան համար գործածած միջոցներուն վրայ: Նորէն դառնանք Էջմիածին:

1643. ՍԱՀԱԿԻ ԸՆԹԱՑՔԸ

Երբոր Մելքիսեդեկ Էջմիածինէ կը հեռանար ( § 1634), Աւետիս ալ մեռած էր ( § 1613), մէջտեղ կը մնար միայն Սահակ Դ. Գառնեցին, իբր Մայրաթոռին տէր, թէպէտ մեր դրութեամբ հնար չէ զայն գահակալ կաթողիկոս նկատել, ցորչափ Դաւիթ Դ. Վաղարշապատեցին, որ օրինաւորապէս յաջորդած էր Գրիգոր ԺԲ. Վաղարշապատեցիին ( § 1591), ոչ հրաժարած էր եւ ոչ ալ գահընկէց եղած: Այլ կը պահէր իր աստիճանը ու պաշտօնը, թէպէտեւ բռնադատեալ Էջմիածինի գործերուն չխառնուիլ, եւ ընկճուած արտաքին իշխանութեամբ եւ կաշառքի զօրութեամբ բռնացող աթոռակիցներէն, որոնց վերջինը Սահակ ալ առանց իրեն այդ աստիճանին բարձրացած էր: Սահակ Ամիրգունայի ընծայագիրով եւ Մելքիսեդեկի խնդրագիրով Շահաբասէ ճանչցուած էր ( § 1633), որովհետեւ յանձին կալաւ զտալն, այսինքն զմնացորդս պարտուցն, զորս ի կողմանէ մուղադային տալոցն էր Մելքիսեդեկ ( ԴԱՎ. 175): Բայց ռազամ, այսինքն հաստատութեան հրովարտակ ստանալու գործը երկարեցաւ Շահաբասի տեղափոխութեանց պատճառով, թէպէտ թուղթը գրուած ու պատրաստուած էր: Թահմազղուլի բէկ, Ամիրգունայի որդին, որուն գործը յանձնուած էր, Շահաբասի ետեւէն պտտեցաւ Ֆահրապատ, Ղազբին, Սուլթանիէ, Արտաւիլ, եւ դարձեալ Սուլթանիէ. Երեւան ալ գալ պարտաւորուեցաւ իր հօրը հիւանդութեան պատճառով, ուր եւ հաստատուեցաւ հօրը մահուամբը. ըսող ալ կայ թէ իր հայրը սպաննած ըլլայ ( ԶԱՔ. Ա. 62): Այս պատճառով Սահակ նոր հետապնդութիւններ ըրաւ ( ԴԱՎ. 176), եւ հազիւ թէ 1626-ին ձեռք ձգեց ցանկացեալ հրովարտակը ( ԴԱՎ. 230): Գործին ուշանալուն պատճառ էին կերպով մը Պարսկաստանի Հայ գաղութին գլխաւորները, խօջայ Նազարը գլուխնին, որոնք չէին ուզեր ճանչնալ Սահակի կաթողիկոսութիւնը, եւ իրենց մօտ գտնուող ծերունի Դաւիթը կը գրգռէին, որ մէջտեղ ելլայ, Շահաբասին դիմէ, իր իրաւունքը պաշտպանէ, եւ Սահակի հաստատութիւնը արգիլէ: Իրօք ալ Դաւիթ շարժուեցաւ, Շահաբասին մօտ ալ գնաց, բայց Սահակ ետեւէն հասաւ, իրարու ալ հանդիպեցան, եւ Սահակ ճարպիկ եղաւ իր գործը յաջողցնել, եւ Դաւիթ մինչեւ իսկ իր բուն նպատակը ծածկեց, յայտնելով թէ վասն գործոյ իմոյ գնամ, որ ազատութեան թուղթ առնեմ ջութլուկին, այսինքն ապահովէ իրեն պարէնին համար տրուած ագարակին հասոյթը ( ԴԱՎ. 176): Որչափ ալ Սահակ արքունի հրովարտակ ստացաւ, սակայն Նոր-Ջուղայեցիք եւ բոլոր Պարսկահայ գաղութներ` այնու եւս ոչ ընկալան զՍահակ կաթողիկոսն, եւ միշտ Դաւիթը իրենց կաթողիկոս ճանչցան ( ԴԱՎ. 177), թէպէտեւ անկէ ալ գործունէութիւն մը չէին սպասէր, եւ բոլոր մտադրութիւննին դարձուցած էին Մովսէս Տաթեւացին առաջ անցընելու:

1644. ՄՈՎՍԷՍԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐԸ

Մովսէս կը շարունակէր իր առանձնական, բայց միանգամայն գործունեայ կեանքը վարել Ս. Անանիայի վանքին մէջ ( § 1633), երբ 1625-ին օր մը այնտեղ իրեն կը հանդիպի Բայինդուր բէկ անուն պալատական մը, որ Երեւան եկած էր ժողվել զտղայս եւ զաղջկունս վասն թագաւորին, եւ Ամիրգունա կուսակալին հետ ի զբօսանս ելեալ շրջէին ( ԴԱՎ. 220), Մովսէս հիւրերը պատուելու համար եօթնական հատ սպիտակ մոմ նուէր ներկայեց: Բայինդուր հիացած մնաց մոմերուն ճերմակութեան վրայ, որ անծանօթ էր այն կողմերը, եւ որուն արհեստը Մովսէս սորված էր Երուսաղէմ եղած ատենը ( § 1603): Բայինդուր յայտարարեց թէ մոմերը կը պահէ որ շահին ընծայ տանի, եւ Ամիրգունա իր եօթը մոմերն ալ յանձնեց նոյն նպատակին, եւ Մովսէս ալ իր կողմէն եօթը հատ եւս աւելցուց: Բայինդուր իր պաշտօնը լրացնելով Շահաբասին դարձած ատեն, անոր ներկայացուց 21 ճերմակ մոմերը, պատրաստողին վրայ ալ գովութեամբ խօսեցաւ: Շահաբաս իսկոյն Ամիրգունայի գրեց որ Մովսէս եպիսկոպոսը իրեն ղրկէ, ինչ որ գործադրուեցաւ, եւ Մովսէս մինչեւ Պաղտատ գնաց, ուր կը գտնուէր Շահաբաս, եւ շուրջ նստեալ պատերազմէր 1626 գարնան սկիզբը: Թագաւորը հրովարտակով հրամայեց Ասպահանի քաղաքապետ Լալա բէկի, որ Մովսէսին յարմար տեղ մը ցուցնէ, երեք յարմար աշակերտներ ընտրէ, եւ 100 լիտր մոմ տայ, որ արհեստը անոնց սորվեցնէ: Ըստ այսմ ալ գործադրուեցաւ: Ասպահանի մէջ Թիլիմխանի այգին Մովսէսին յատկացուեցաւ, Ֆառուխ եւ Ղաբչղայ եւ Բէհզատ Պարսիկներ աշակերտ նշանակուեցան, եւ մինչեւ տարւոյն վերջերը Մովսէս աշակերտները վարժեցուց, եւ ճերմկցած մոմերուն հետ ու խօջայ Նազարի միջնորդութեամբ ներկայացան Շահաբասի, երբ Ֆահրապատի ձմերոցը կը գտնուէր: Շահաբաս յոյժ զուարճացաւ, եւ մոմերը ի ձեռս առեալ զբօսնոյր, եւ որովհետեւ Աստուածայայտնութեան տօնի մօտ էր, խօջայ Նազարի յանձնարարեց, որ Մովսէս մեծաւ հանդիսիւ պատրաստէ Ֆահրապատի եկեղեցին, ուր ինքն ալ ներկայ պիտի գտնուի: Շաբաթ օր կ՚իյնար 1627 յունուար 6-ին տօնը: Մովսէս ոչ միայն ամենայն խնամքով պատրաստութիւնները կատարեց, եւ թափեաց զերկու սպիտակ մոմս մարդաչափ, այլեւ գիշերը հսկումով անցուց, որպէս զի Աստուած շնորհալի ցուցցէ զտօնախմբութիւնն այլահաւատ թագաւորին ( ԴԱՎ. 231): Իրօք ալ Շահաբաս չափազանց գոհ մնաց, եւ երբ կ՚ուզէր դրամով կամ կալուածով վարձատրել, խօջայ Նազար դիտել տուաւ, որ Մովսէս զաշխարհաւ եւ զընչիւք նորա զանց արարեալ է, եւ թելադրեց անոր տալ զլուսարարութիւնն Սուրբ Էջմիածինի թագաւորական նոմոսիւ ( ԴԱՎ. 232): Սահակ տեղեկութիւն առնելով ջանաց գործը արգելել, առարկելով թէ զուլմ արարեալ էք ինձ, եւ դիւանբէկին, այսինքն արքունի քարտուղարին եւ մեծամեծներու մօտ աշխատեցաւ, սակայն ոչինչ օգտեցաւ, եւ իրեն ըսուեցաւ, թէ թէպէտ Մովսէսի տուաք զԷջմիածին, զնորին լուսարարութիւն տուաք, եւ ոչ զկաթողիկոսութիւնն ( ԴԱՎ. 178): Ամէն դժուարութիւններ հարթուելով, Մովսէս Ֆահրապատէ Երեւան եւ Երեւանէ Էջմիածին եկաւ, եւ մեծաւ փառօք, եւ անպատում ցնծութեամբ` ոչ միայն իւր, այլ եւ ամենայն քրիստոնէից, գործի ձեռնարկեց ի Վարդավառի պահոց երկուշաբաթ աւուրն որ է 1627 յունիս 25, եւ ոչ 23, ինչպէս աւելցուցեր է Ոսկանի օրինակը ( ԴԱՎ. 232):

1645. ԷՋՄԻԱԾԻՆԻ ՆՈՐՈԳՈՒԹԻՒՆ

Դավրիժեցին աղիողորմ շեշտերով կը նկարագրէ Էջմիածինի մայր տաճարին այն օրուան վիճակը, եւ կարեւոր կը սեպենք զայն քաղել, իբրեւ մտադրութեան արժանի պատմական պարագայ մը: Պէտք է նախ յիշենք, որ ինչ ինչ կտորներ բռնի քանդուած ու տարուած էին ( § 1610), եւ հարկաւ հետզհետէ մեծցած էին պատառուածները. եւ լքուած շէնքը հետզհետէ վնասներ կրած էր: Դուրսի կողմէն կաթողիկէին կամ գմբէթին գագաթը ինկած էր, տանիքին եւ չորս կողմի պատերուն քարերը քանդուած եւ թափուած էին, յատակներու քարերը փշրուած եւ ծակոտուած, լուսամուտներուն վանդակները պակսած, այնպէս որ ներսի կողմը թռչուններու ծռտովք եւ ծըղովք եւ այլ գռեխովք լեցուած էր, զեռուներու եւ սողուններու որջ դարձած, եւ աղտեղութեանց համբարանոց եղած: Մայր տաճարին բակը աւերակներով եւ աւելորդներով հետզհետէ դիզուած էր, եւ հողն ու մոխիրը եւ աղիւսը մինչեւ եօթը կանգուն բարձրացած` գոցած էր տաճարին վարի մասերը եւ շուրջանակի եղող աստիճանները: Ծածկոց եւ զարդ չէր տեսնուէր բնաւ եկեղեցւոյն մէջ, եւ ոչ ալ կանթեղ կամ մշտավառ լոյս, այնպէս որ հազիւ թէ այլազգի մահմետական ոմն վառէր զճրագ ձեթոյ եւ դնէր ի վերայ բեմին, եւ այն եւս երբեմն երբեմն: Իբրեւ սպաս ալ բան մը չկար, ոչ գիրք, ոչ զգեստ եւ շուրջառ, ոչ բուրվառ եւ խունկ, եւ ոչ ուրիշ կարեւորներ: Աւանդատունն ալ գրեթէ դատարկուած էր, զի ինչ որ կար` կաթողիկոսներ վաճառելով եւ գրաւ դնելով վատնեալ էին, խաչ եւ սկիհ եւ բուրվառ եւ շուրջառ եւ ամենայն ինչ, եւ վերջին աջերն ալ Մելքիսեդեկ մեկնելէն առաջ փոխառութեան համար գրաւի էր տուած ( § 1634): Տաճարին շուրջը եղող բնակութեան շէնքերն ալ աւերեալ եւ ի վերայ միմիանց փլուզեալ էին ( ԴԱՎ. 233): Կաթողիկոսներ Երեւան կը բնակէին, եւ վանքին մէջ մնացած էին միայն քանի մը հատ սեւագլուխ սինլիքորք եւ գռեհիկք, որոնք որպէս զգեղական հողագործս վարնորդ մշակօք ատեն կ՚անցնէին, եւ անոնք իսկ զաւուրս տարւոյն զբազումսն` շրջակայ գիւղերու մէջ կը շրջէին ( ԴԱՎ. 234): Մովսէս Տաթեւացի գործի ձեռնարկելով նախ բակին դիզուած աւելորդը ջանաց վերցնել տալ, եւ գործը դիւրացնելու համար օգտուեցաւ գետին ջուրէն, զոր կապեցին ի կողմն ինչ, եւ փորուած մասը հոսանքին տուին, որ հողը կը տանէր եւ քարը կը մնար, եւ այսպէս եղեւ հարթյատակ գետին, եւ քարերը հետզհետէ իրենց տեղերը շարուեցան պատերուն վրայ: Անկէ ետքը գմբեթն ու տանիքը նորոգեցին, քանդուած եւ պակսած սալերը լրացնելով: Այդ առթիւ կը յիշուին տաճարին չափերը, ներսի կողմէն, պատերէն զատ, 50 կանգուն երկայնութիւնը, 48 կանգուն լայնութիւնը եւ 35 կանգուն բարձրութիւնը մինչեւ կաթողիկէին պորտը ( ԴԱՎ. 235): Անկէ վերջ շրջապատ պարիսպ մը կանգնեցին ի հողոյ տաճարին պատերէն` արեւելքէն ու արեւմուտքէն 63 կանգուն, եւ հիւսիսէն ու հարաւէն 56 կանգուն հեռու, եւ ութը բուրգեր կամ աշտարակներ` անկիւնները եւ մէջտեղները: Պարիսպին ներսի կողմն ալ` արեւմտակողմը շինուեցան դարպասք եւ տունք այսինքն է պաշտօնատուն եւ հիւրանոց, հիւսիսակողմ եւ արեւելակողմը խցեր ի բնակութիւն միաբանից, եւ հարաւակողմ սեղանատուն, փռնատուն, տնտեսատուն, եւ համբարանոցներ: Այս ամէն մասերը շինուեցան լըխտեալ քարիւ եւ թրծեալ աղիւսով, կրով եւ բռով եւ վայելուչ յօրինուածով ( ԴԱՎ. 234):

1646. ԳՈՐԾԱԿԻՑՆԵՐ ԵՒ ՆՊԱՍՏՈՂՆԵՐ

Մովսէս այդ գործերը լրացնելու համար իրեն զօրավիգ եւ օգնական ունեցաւ նախ` աստ եւ անդ գտնուած հոգեսէր եւ բարեսէր եկեղեցականներ, որոնք իր շուրջը հաւաքուեցան, եւ որոնց շատերը իւրոց աշակերտաց խումբէն էին, եւ երկրորդ` զտուրս եւ զողորմութիւնս քրիստոնէից, որոնք զցաւիլն եւ զկսկծեալն ունէին, եւ ոչինչ խնայեցին ի նորոգումն սրբոյ աթոռոյն, վստահ ըլլալով Մովսէսի աննենգ եւ ճշդապահ աշխատութեանց վրայ ( ԴԱՎ. 232): Նա Մայրաթոռոյ նիւթական նորոգման հետ, անոր բարոյական բարեկարգութեան ալ հետամուտ եղաւ, վանական կենցաղ հաստատեց, աւանդի դրուած կամ վաճառուած սպասներ վճարելով ազատեց եւ գլխաւոր գործերէն մին եղաւ դպրատուն մը բանալ Յովհաննավանքի մէջ` իբրեւ կատարեալ դպրանոց կամ դպրեվանք, ուսկից առաջ եկան վարդապետք եւ եպիսկոպոսք, աբեղայք եւ երիցունք, ամէնն ալ արք պիտանիք եւ օգտակարք աշխարհի, զորս հետզհետէ ցրուեց զանազան կողմեր: Ասոնք մէկ կողմէ հոգեբուխ քարոզութեամբ եւ բարեկրօն վարուք հաստատէին զկարգս եւ զկրօնս քրիստոսական հաւատոյս եւ եկեղեցական աւանդութեան, եւ ընկրկեալ կործանէին զհակառակորդս ճշմարտութեան, եւ միւս կողմէն շինէին զեկեղեցիս, եւ կը նորոգէին ու կը պայծառացնէին վանքերը` որք ամայացեալք ի խաւարի կային: Այս կերպով Մովսէսի նախանձայոյզ աշխատութեանց շնորհիւ, վանքեր կը լեցուէին միաբանօք եւ աբեղայիւք եւ կրօնաւորօք, իսկ գեղօրայք` վարժ երիցամբք ( ԴԱՎ. 235): Մովսէսի ստանձնած պաշտօնը լոկ լուսարարութիւն էր, որ է փակակալութիւն հին բառով, կամ լուսարարապետութիւն նոր կոչմամբ. բայց Էջմիածին իրմէ զատ տէր չունէր, եւ անպաշտօն կաթողիկոսութիւն էր իր ըրածը: Այն որ պաշտօնապէս գահակալ կաթողիկոսի անուն ունէր, Ասպահան կը գտնուէր, ամէն գործէ ձեռնթափ, եւ իննսնամեայ զառամեալ տարիքի մէջ. իսկ այն որ արքունի հրովարտակով ճանչցուած գործունեայ աթոռակիցի պաշտօնը պիտի վարէր, հարկահանի դերը կը վարէր կարեւոր գաւառներու մէջ, եւ երկուքէն ոչ մէկը եկեղեցւոյ եւ ազգի հոգածութեան գործերով կը զբաղէր: Իրաւունք ունէին ուրեմն ժողովուրդք Հայոց յընդհանուր աշխարհս բնակեալք, որ այդ կաթողիկոսաց անկարգութենէն ձանձրացեալք, կամ լաւ եւս առանց կաթողիկոսի մնացած, կամօք եւ յօժարութեամբ եւ կաթոգին սրտիւ կը փափաքէին, եւ վարդապետք եւ եպիսկոպոսք եւ երեւելի արք` գրովք եւ աղաչանօք թախանձէին եւ կը խնդրէին Մովսէսէ, զի յանձն առցէ զաստիճան կաթողիկոսութեան ( ԴԱՎ. 236):

1647. ՍԱՀԱԿԻ ՓԱԽՈՒՍՏԸ

Սահակ Գառնեցին Շահաբասի հրովարտակը ստանալով ( § 1643) կը կարծէր թէ ամենայն ինչ իրեն յաջող պիտի քալէ, եւ իրեն հետեւորդ կազմած ղուլերու, այսինքն պետական պաշտօնեաներու զօրութեամբ եւ բռնութեամբ պիտի կարենայ իր հօրեղբօր Մելքիսեդեկի գլուխ հանել չկրցածը ինքն կատարել: Այդ միտքով պտոյտներ կը կատարէր Հայաստան ու Պարսկաստան, բարեկեցիկ հայաբնակութեան քաղաքները, բայց ոչ մի տեղ ընդունելութիւն չէր գտներ, եւ ոչ իսկ իբրեւ կաթողիկոս կ՚ընդունէին զինքն, զի ոչ թէ ազգային ընտրութեամբ, այլ լոկ իր հօրեղբօր կամքով օծումն ստացեր էր, մինչ նոյն ինքն հօրեղբայրն ալ` ամէնուն ատելի եղած ու զզուանք պատճառած անձ մըն էր: Միւս կողմէն ինչ որ բռնութեամբ եւ կեղեքելով ձեռք կը ձգէր, այն ալ հետեւորդները գոհացնելու իսկ չէր բաւեր, եւ այսպէս հետզհետէ կ՚աճէին վճարուելիք գումարները, թէ տուրքին եւ փոխառութեանց, եւ թէ հետեւորդներու ապառիկ պահանջներուն բարդուելովը: Տարի մը եւ աւելի այսպէս անցուց Սահակ, օր ըստ օրէ յուսահատութեան մատնուելով, եւ երբ 1627 ամառուան միջոցին Խոյ կը գտնուէր, միտքէն կ՚անցընէր ինքն ալ իր հօրեղբոր ճամբան բռնել, թաքուն ի ղուլերէն անցնիլ յերկիրն Օսմանցւոց ( ԴԱՎ. 179): Երբ այդ միտքերը կ՚որոճար, նամակ ստացաւ Երեւանի կողմը գտնուող իր բարեկամներէն, թէ այժմ Թահմազղուլին կը վարէ կուսակալութիւնը, որ պատրաստ է իրեն օգնել, եթէ փութայ Երեւան գալ: Գրողներն էին Մանուէլ Խորվիրապեցին, Մելքիսեդեկի հին գործակից մը ( § 1584), Մկրտիչ Հաւուցթառեցին սպանուած Մանուէլի յաջորդը ( § 1591), այլովքն հանդերձ ( ԴԱՎ. 179): Սահակ փութաց հրաւէրին անսալ, եւ Խոյէ Երեւան եկաւ, բայց ակնկալութիւնը չիրականացաւ, ընդհակառակն Թահմազղուլի ալ պահանջումները խստացուց, որովհետեւ ապառիկ գումարը 800 թուման էր եղած: Սահակ երբ տեսաւ որ խաբուեցաւ, որոշեց իր առաջին խորհուրդը գործադրել: Կը մօտենար 1628-ին Ծնունդը: Սահակ այնպէս կեղծեց թէ կուսակալը ուզած է մեծահանդէս տօն մը տեսնել, եւ թէ Մովսէս, որ Երեւան կը գտնուէր, իրմէ խնդրած է պէտք եղած սպասները Էջմիածինէ բերել: Այս պատրուակով իր արագընթաց ձին հեծաւ, եւ Էջմիածինի ճամբան բռնեց: Բայց կէս ճամբէն շեղեցաւ, զգեստը փոխեց ի կերպ զօրականի եւ արշաւասոյր քալքով յառաջացաւ դէպի Նախիջեւան, բայց քաղաք չհանդիպեցաւ, այլ Տարաշամբ գիւղի նաւատեղին Երասխը անցաւ, եւ առանց ուրեք կանգ առնելու քերեց Չորս եւ Խոյ քաղաքները, անցաւ սահմանագլուխը, մտաւ Օսմանեան հողը, եւ հասաւ Վան քաղաքը եւ հոն մնաց ուրախանալով որ ճողոպրեալ փրկեցաւ ի ձեռաց ղուլերոյն: Սահակի փախուստը տեղի կ՚ունենայ 1627 դեկտեմբերին: Պետական պաշտօնեաներ սկսան Մովսէսը նեղել, իբր թէ նա թելադրած ըլլայ Սահակի փախուստը, սակայն սա կրցաւ շուտով հաստատել, թէ ինքն ամենեւին տեղեկութիւն չունի, եւ թէ Սահակ շինծու խօսքեր դրած է կուսակալին եւ իր բերանը ( ԴԱՎ. 180): Այս կերպով Սահակ Մայրաթոռի գործերուն հետ յարաբերութիւնը խզեց, եւ փակուեցաւ իր կեղակարծ կաթողիկոսութիւնը, որ մինչեւ իսկ հակաթոռութիւն պիտի կարենայինք ըսել, եթէ աթոռակիցներու շատութիւնը սովորութեան անցած չտեսնէինք:

1648. ՀԱՐԿԻՆ ՎԵՐՋԱՆԱԼԸ

Կատարեալ եկեղեցական անիշխանութեան տարի մը կրնանք ըսել 1628 տարին, երբ Մայրաթոռը ըստ ամենայնի անտէր եւ անտէրունջ վիճակ մը ունէր պաշտօնապէս, թէպէտ իրապէս Մովսէսի խնամքի ներքեւն էր, բայց նա կաթողիկոս չէր: Իսկ կաթողիկոսութեան անուն կրողներէն մէկը զառամած` ձեռնթափ կ՚ապրէր Ասպահան, միւսը փախստական` առանձնացած էր Վան: Մովսէս, կաթողիկոսութեան թեկնածու չէր, բայց սրտցաւ հոգածութեամբ պէտք եղած ջանքերը կ՚ընէր Էջմիածինը վերականգնելու: Այս կողմէ յատուկ մտադրութեան կէտ մը դարձած էր տարեկան 100 թումանի տուրքը, որ չվճարուելով բարդուած էր, եւ պարտքը կը մնար միշտ, թէպէտեւ պաշտօնապէս պարտական մը չէր մնացած մէջտեղ: Մովսէս դիմեց Շահաբասի սիրական խճօյ Նազարի, եղանակ մը գտնելու համար, բայց նա խորհուրդ տուաւ պատեհ առիթի սպասել, դիտել տալով թէ այս թագաւորս յոյժ արծաթասէր եւ ագահ է, յայդքան շահուց արծաթոյ ոչ ցանց առնէ ( ԴԱՎ. 236): Ճիշդ այդ օրերուն տեղի կ՚ունենայ Շահաբասի մահը Ֆահրապատի մէջ, որ Դավրիժեցին 1629 յունուար 7-ին կը դնէ ( ԴԱՎ. 237), սակայն օտար պատմագիրներ 1628-ին կը դնեն ( ՏՊԷ. 357): Դավրիժեցիին թուականը յայտնապէս գրիչի կամ գրչագիրի սխալանք է, զի ինքն իսկ, Շահաբասի մահուընէ ետքը ամիսս ութ Մովսէսը արքունիքի մէջ դեգերած ( ԴԱՎ. 237), եւ անկէ Երեւան եկած, եւ զանազան գործեր կատարած ըսելէ ետքը, 1629 յունուար 13-ին զայն կաթողիկոս օծուած կը դնէ ( ԴԱՎ. 239): Շահաբաս իր որդիները կասկածով մեռցնել կամ կուրցնել տուած էր, որով իրեն յաջորդեց Սամ-Միրզա թոռը, որուն անունը Սէֆի փոխուեցաւ Սէֆեանց հարստութեան նախահայրին անունովը ( § 1521), եւ եղաւ ու կոչուեցաւ Շահ-Սէֆի, կամ Շահսէֆի, ( ԴԱՎ. 237): Նազար եւ Ջուղայեցիք պարագայէն օգտուելու համար սրընթաց փայեկաւ Մովսէսը Ասպահան հրաւիրեցին, որովհետեւ նոր գահակալութեանց առիթով մեծ շնորհներ ընդունելու պատեհն էր, սկուտեղամբ զուտ ոսկի դահեկան, եւ այլեւս ինչս պատուականս ընծայ պատրաստեցին, նախարարներն ալ շահեցան պատեհ միջոցներով, եւ ամիսս ութ ( ԴԱՎ. 237) բազմաերկ աշխատութեամբ եւ յոյժ բազում գանձս ծախսելով, իբր թէ հազար թուման ( ԴԱՎ. 239), յաջողեցան ստանալ զթագաւորական նոմոս, որով կը ներուէր եւ կը ջնջուէր Էջմիածինի վրայ ծանրացող հարիւր թումանի տարեկան տուրքը: Ասոր վրայ Մովսէս ու Հայ իշխաններ բոլոր պետական պաշտօնատուները շրջելով, այնքան աշխատեցան, մինչ զի յամենայն մատենից, ուր եւ գրեալ կայր բանն այն, յամենայն հանեալ արտաքսեցին ( ԴԱՎ. 238): Այսպէս թագաւորական կնքով, ազդու եւ հատու բանիւ, ոչ միայն ջնջեցին զհարիւր թուման մուղադէն, այլեւ ստացան զհրաման կաթողիկոսութեան Մովսէսի վարդապետին ըստ հայցուածոց ամենայն ազգին Հայոց ( ԴԱՎ. 239): Այս կէտէն սկսելով կերպարանափոխ կ՚ըլլայ Հայոց հայրապետութեան եւ կաթողիկոսութեան Մայրաթոռին վիճակը, եւ գրեթէ դարագլուխ մը կը կազմուի ազգային եկեղեցւոյ համար, եւ մենք այդ կէտերը կը վերապահենք պատմել Մովսէս Գ. կաթողիկոսին անունին ներքեւ:

1649. ՎԱՐԴԱՊԵՏՆԵՐ ԵՒ ԱՂԹԱՄԱՐ

Բայց տակաւին այդ գլուխնին չանցած, յիշենք ինչ ինչ մասնաւոր տեղեկութիւններ, որոնք այդ միջոցին կը պատկանին, եւ որոնք ընդհանուր պարագայից հետ կապակցութիւն չունէին: Էջմիածինի եւ Կոստանդնուպոլսոյ աթոռներէն էին, որ իրարու յարակցեալ դիպուածներով մեր մտադրութիւնը գրաւեցին, միւս աթոռները անկախ եւ առանձնակ կեանք ունեցան: Աղթամարի կաթողիկոս Գրիգորիս Սէֆէտինեան երկայնակեացը, որ 62 տարի պաշտօն վարած կ՚ըսուի ( § 1556), ըստ տեղական աւանդութեան վախճանած է 1610-ին եւ իրեն յաջորդները եղած են Աբրահամ, Յովհաննէս, Ներսէս եւ Ստեփանոս (00. ԲԻԶ. 1197): Սակայն Խիզանցի յիշատագիրք մը, 1626-ին Գրիգորիս ի կաթողիկոսութեան ատեն գրած ըլլալը կը յիշատակէ ( ԹՈՐ. Բ. 254), որ վերիվայր կ՚ընէ Հաւաքարանի ժամանակագրութիւնը, բայց մենք պիտի չկարենանք հեղինակօրէն պարզաբանել նկատուած անհամաձայնութիւնը, քանի որ յատուկ ուսումնասիրութեան խնդիր մը պէտք է ընել Աղթամարի կաթողիկոսներուն շարքը: Ինչ որ կրնանք ըսել այս է, թէ կաթողիկոսը ըլլայ այսինչ կամ այնինչ անուն անձ մը, Աղթամարի աթոռը չի ներկայեր բարգաւաճ կացութիւն մը, թէպէտեւ անոր վիճակներու մէջ ալ կը յիշուին քանի մը ուսման հետեւող վարդապետներ: Այսպէս են Սիմէոն Ապարանցի, Կարապետ Վարագցի, Յովհաննէս Խիզանցի, Յովհաննէս Կրճօն, եւ Սահակ Վանեցի վարդապետներ, որոնց մէջէն առաջինը եւ վերջինը աշակերտներ ալ հասուցած են (00. ԲԻԶ. 1197): Սոյն կարգին յիշենք եւս Մելքիսեդեկ Վժանեցի վարդապետը, զոր Մովսէս ուսուցչութեան հրաւիրեց Յովհաննավանքին դպրատունին մէջ ( ԴԱՎ. 307): Այս վարդապետները ընդհանրապէս Աղթամարի սահմաններուն մէջ աստ եւ անդ հաստատուած, իրենց անհատական ջանքերով կը գործէին, իսկ աթոռը ոչ մի պայծառութիւն չունէր: Աղթամարի վիճակներէն էին եւս Պօղոս Մոկացի ( § 1623) եւ Ներսէս Մոկացի ( § 1622) վարդապետներ, որոնք արդիւնաւոր եղան Էջմիածինին վիճակներու մէջ: Յիշենք այստեղ Յովհաննէս Ծարեցի վարդապետն ալ, թէպէտ բնիկ Սիւնեցի, որ իբր քարոզող ուղղափառաց եւ յանդիմանող ստահակաց, իբր ընթերցասէր եւ գրասէր մեծ արդիւնք ունեցաւ, եւ 1583 յունիս 20-ին վախճանելով մեծ համբաւ թողուց իր ետեւէն ( ՍԱՄ. 192): Որովհետեւ Հայաստանի արդիւնաւոր վարդապետներուն անունները կը քաղենք, անգամ մըն ալ յիշենք Սրապիոն Եդեսացին, Սրապիոն Օձտեղացին, Սարգիս Պարոնտէրը եւ Կիրակոս Պոնտացին, որոնց գործերը իրենց կարգին պատմեցինք:

1650. ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԳՈՐԾԵՐ

Երուսաղէմի աթոռը այդ միջոցին իր սեփական եւ տեղական խնդիրներու շրջանակին մէջ ամփոփուած` յատուկ կեանք մը կ՚անցընէր Գրիգոր Պարոնտէր պատրիարքին իշխանութեան ներքեւ, որ 32 տարի շարունակ բազմաշխատ եւ բազմարդիւն պաշտօնավարութիւն ունեցաւ Երուսաղէմի աթոռին վրայ, սկսելով 1613 թուականէն, երբ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն ստացաւ Երուսաղէմի մէջ Աւետիս կաթողիկոսէն ( § 1606): Գրիգոր Պարոնտէրի անունը Երուսաղէմի պատրիարքներուն շարքին ամէնէն փայլուն անուններէն մէկն է, եթէ չ՚ուզենք ալ ամէնէն մեծ եղած ըսել: Գրիգոր Կեսարացի նախատեսելով անոր վրայ այդ մեծ կարողութեան առհաւատչեան, տակաւին աբեղայ եղած ատենէն, յանձնած էր անոր Երուսաղէմի մատակարարութիւնը, երբ տուրքերուն վճարման համար նպաստ հաւաքելով Երուսաղէմ էր գացած ( § 1603): Պարոնտէր մինչեւ կեանքին վերջին շունչը չստեց իրեն վրայ դրուած ակնկալութիւնը, եւ իրաւամբ անոր յիշատակը անմոռաց է մինչեւ ցայսօր Երուսաղէմի մէջ, ուր հանապազօր կը յիշատակուի իր անունը պատարագի ատեն Գոհութիւն քարոզին մէջ, որովհետեւ ըստ ամենայնի արժանաւոր եղած է այդ բացառիկ պատուոյն: Երուսաղէմի սրբավայրերուն մէջ` ազգային ստացութիւններէն եւ իրաւունքներէն ամէնն ալ` թէ մահմետականներէն եւ թէ քրիստոնեաներէն խնդիրի եւ վէճի, վտարմանց եւ ձեռընձգութեանց առարկայ եղած են: Ս. Յակոբեանց վանքն ալ, Ծննդեան այրն ալ, Համբարձման տեղն ալ, Պատանատեղւոյն մոմերն ալ, զատ զատ խնդիրներու նիւթ եղած են, բայց Պարոնտէրի աշխատութեամբ Հայոց իրաւունքները անեղծ են պահուած: Ազգային վանքերու շինութիւններն ու նորոգութիւններն ալ մեծ վէճերու դուռ բացած են, Լատիններ բիւրատեսակ զրպարտութիւններով ջանացած են աննկուն պատրիարքը տկարացնել, բայց ամէնուն դէմ միշտ զօրացած է Պարոնտէր իր անխոնջ արիութեամբը, որոնց մանրամասնութիւնները ուրիշներէ երկարօրէն պատմուած են ( ԱՍՏ. Ա. 279-333), եւ մենք աւելորդ կը սեպենք կրկնել: Այս մրցումներուն հետ Պարոնտէր կրցած է վանքին վրայ ծանրացող պարտքերը սրբել, երեսունէ աւելի նոր այգիներ դնել, եկեղեցական զարդերն ու սպասները ճոխացնել, բարոյական տեսակէտէն ալ վանական բարեկարգութիւնը պայծառացնել, միաբաններու թիւը աճեցնել, կարող վարդապետներու զարգացմամբ նպաստել, որոնց մէջ պէտք է առանձին յիշուին Կարապետ Մոկացին, որ իր կատարեալ աջակիցն էր ( ԱՍՏ. Ա. 330), եւ Աստուածատուր Տարոնեցին, որ իրեն յաջորդեց ( ԲԱՌ. 54): Նշանակելի էր նաեւ իր առաքինական եւ ճգնողական կեանքը, հովուական ջանքերով եւ քարոզչական արդիւնքներով մէկտեղ, եւ իրաւամբ տիպար անձնաւորութեան մը կնիքը փայլեցաւ իր վրայ մինչեւ իր մահը 1645-ին: Գրիգորի կենսագրական պարագաներու մէջ կը յիշուի Կ. Պոլիս ալ գտնուած, եւ Պալաթու եկեղեցւոյն համար աշխատած ըլլալը ( ԱՍՏ. Ա. 306), սակայն այդ պարագային թիւրիմացութեան հետեւանք ըլլալը այլեւս ստուգուած է յայտնապէս (11. ԱՄՍ. 15), զի Պալաթու գործին հետ կապակցութիւն ունեցող Գրիգորը, Դարանաղեցին է եղած ( § 1640): Իրաւ Պարոնտէր Գրիգորը իր պաշտօնին եւ իր վարած դատերուն բերմամբ ստէպ մայրաքաղաքի հետ գործ ունեցաւ, եւ արքունի հրովարտակներ ալ ձեռք բերաւ, սակայն անձամբ Կ. Պոլիս եկած ըլլալը ստուգուած չէ, որով իր անուանակից Կեսարացին, որ իր բարեկամն ու պաշտպանն էր, իրեն զօրավիգն եղած կ՚ըլլայ հրովարտակներու ստացութեանց համար:

1651. ՆՈՐ ՎԿԱՆԵՐ

Վերջին տարիներու նոր վկաներուն յիշատակութիւնները զանց ըրինք քիչ մը ատենէ իվեր ( § 1565), թէ շղթայեալ դիպուածները չընդհատելու, եւ թէ անոնց թիւը շատ չըլլալուն համար, եւ այստեղ կու տանք համառօտիւ քաղել եղածները: Լոյս անուն 18 տարեկան Կաֆացի ազնուական երիտասարդ մը, պարոն պատուանուն կրող, որուն համար երբեմն Պարոնլոյս եւ երբեմն ալ Լուսպարոն կը կոչուի, նախանձոտ Տաճիկներէ կը զրպարտուի, իբրեւ թէ Կէզլով քաղաքի մէջ իսլամացած եւ նորէն ետ դարձած ըլլայ, եւ Կաֆայի մէջ ատեան կը հանուի 1567 յունուար 5-ին: Դատաւորը զրպարտութիւնը իմանալով ազատ կարձակէ, բայց քաղաքի իշխանին բռնութեամբ նորէն կը ձերբակալուի, եւ բանտարկութեանց եւ խոշտանգանաց կը մատնուի, խոստումներով եւ սպառնալիքներով կը փորձուի չորս ամիս շարունակ: Ծնողքը կ՚աշխատին դրամով դատաւորն եւ իշխանը շահիլ, եւ մինչեւ Կոստանդնուպոլիս դիմում կ՚ընեն, այլ չեն կրնար զիջուցանել Կաֆայի մոլեգնեալ ամբոխն ու մոլեռանդ իշխանները: Երիտասարդն ալ ետ չի կենար իր հաւատքէն, եւ վերջապէս գլխատմամբ կը նահատակուի 1567 մայիս 15-ին, որ ճշդիւ կը պատասխանէ յետ Համբարձման հինգշաբթին ( ՆՈՐ. 406): Վրթանէս Կաֆայի եպիսկոպոս պատմած է նահատակին յիշատակը վկայաբանութիւնով եւ տաղերով ( ՆՈՐ. 408): Օսմանեանց սուլտան Մուրատի օրով նորոգուած էր Պարսիկներու հետ պատերազմը ( § 1570), եւ ահուդողի ու բռնութեանց օրեր էին գաւառներու մէջ, զի կուսակալներ եւ դատաւորներ ուզածնին ընելու ազատութիւն գտած էին: Յատուկ զրկումներու առիթ կ՚ընծայէր եւս այն հրամանը, որով արգելուած էր իսլամ շեղողներուն խոյր կամ փակեղ գործածել ( ՍԱՄ. 176), եւ պարտաւորեալ սեաւ գտակ պիտի դնէին գլուխնին ( ՆՈՐ. 414): Այդ միջոցներուն Միջագէտքի Թուրգուրան կամ Թլկուրան աւանը դատաւոր կը գտնուէր Մահմէտ, որ չափազանց տուրքեր կը ծանրացնէր քրիստոնեաներուն վրայ: Ասոնք Օսմանեան զօրավարին դիմելով բերին հուքմ եւ հրաման առ դատաւորն, թէ օրինական տուրքէն այլ աւելի մի' առնուր ի դոցանէ ( ՆՈՐ. 416): Ասոր վրայ Մահմէտ Տիարպէքիր դիմեց, մեծ դատաւորէն ոյժ գտնելու համար. Թուրգուրանի գլխաւորներն ալ ետեւէն եկան, եւ երբ Մահմէտ ճարահատեցաւ, զրպարտութեան դիմեց, երկու ալ սուտ վկայ ճարեց, թէ սոքա զմեր մեծն եւ զդատաստանն հայհոյեցին: Անմիջապէս հրաման եղաւ բանտարկել եւ այրելով սպաննել Թուրգուրանցի տանուտէրները, որոնցմէ տասն ըմբռնեալք եղան, բայց ցասումը գլխաւորապէս երկուքին վրայ ծանրացաւ, Մարգարէ սարկաւագին եւ Շահրիման գիւղաւագին վրայ: Ուստի այս երկուքը զատեցին, եւ հրաւիրեցին ուրանալ որ ազատին: Իսկ անոնք զիրար քաջալերելով եւ բոլոր գիշեր սաղմոսելով յօժարակամ պատրաստուեցան նահատակութեան, եւ միւս առտուն խոշտանգանոք եւ ձաղանօք կատարման տեղը տարուեցան, ուր բեւեռեցին ի փայտի զոտս եւ զձեռս նոցա, եւ բորբոքեցին զհուրն նաւթով, եւ այնպէս նահատակուեցան երկու երանելիները ( ՆՈՐ. 417), 1580 սեպտեմբեր 6-ին ( ՆՈՐ. 413): Ունինք նաեւ եպիսկոպոս Յովհաննէս Դարանաղեցիի նահատակութիւնը 1592-ին, Կարնոյ մէջ կատարուած ( ՉԱՄ. Գ. 516), որուն մանրամասնութիւնք կը պակսին: Նոյնպէս առանց մանրամասնութեանց յիշատակուած են Աբրահամ Ուռհայեցի քահանայի եւ Սքանտար կամ Աղէքսանդր Ուռհայեցի տանուտէրին գլխատմամբ նահատակութիւնները` 1600 յունուար 22-ին երեքշաբթի օր, Եդեսիոյ մէջ, Ճէլալիներու գլխաւորներէն Ղարա Եազըճիի հրամանով ( ՍԱՄ. 176):

1652. ՓԱՐԻԱՑԻՔ ԵՒ ԱՐՓԱՅԵՑԻՆ

Շահաբասի վրայ խօսած ատեննիս առիթ ունեցանք յիշել թէ հակառակ կիրքերու եւ հակառակ ձիրքերու տէր անձ մըն էր, արդարասէր եւ բռնաւոր, անողորմ եւ գթած, լայնախոհ եւ կարճամիտ միանգամայն, եւ իրաւամբ հակասական գործեր կը պատմուին իր վրայ: Յիշեցինք եւս թէ ծպտեալ պտտելու սովորութիւն ունէր, եւ այդ պարագաներուն մէջ թէ' վեհանձն եւ թէ' փոքրոգի գործեր կը կատարէր անխտիր: Դէպ եղաւ որ 1620-ին ծպտեալ կը պտտէր Փարիա եւ Բուրվարի գաւառներու Հայ գաղթականներուն մէջ: Այնտեղ Հայ կնոջմէ մը գանգատ կը լսէ թագաւորին դէմ, զիրենք իրենց հայրենիքէն հանելուն համար. Աւետիս քահանայի մըն ալ իսլամութիւն առաջարկելով խիստ պատասխան մը կ՚ընդունի: Սաստիկ զայրանալով, նոյն տեղ քահանային գլուխն կացինով կը զարնէ եւ անզգայ վիճակի մէջ թլփատել կու տայ: Եւ ոչ այսչափ միայն, այլ եւ սաստիկ հրաման կը հանէ յիշեալ գաւառներուն բոլոր Հայերը իսլամացնել եւ թլփատել ( ԴԱՎ. 124): Ասոր վրայ ամէն կողմ անողորմ գործադիրներ կը յղուին: Հայերէն մէկ մասը կը ցրուին ամայի լեռներ ու ձորեր, մէկ մասը յակամայից յանձնառու կը լինին, բայց շատերու վրայ բռնի կը գործադրուի թլփատութիւնը` խոշտանգանքներու եւ հարուածներու ներքեւ կիսամահ վիճակի հասցնելէ ետքը: Նոյն բանին կ՚ենթարկուի, Փահրան գիւղի տանուտէր Նուրիջանը, որ միայնակ կիրճի մէջ պահուըտելով, նետաձգութեամբ արգելած էր իր գիւղը թլփատելու եկող պաշտօնեաները ( ԴԱՎ. 125): Երբոր լուր կը բերեն Շահաբասի թէ հրամանը գործադրուած է, թլփատեալ քահանաներու քառասունական ոչխար նուէր տալ կու տայ, եւ միանգամայն բազմաթիւ կարդացողներ կը ղրկէ, որ Փարիացի եւ Բուրվարեցի Հայերուն իսլամ կրօնքը սորվեցնեն, սակայն Հայեր ոչ հնազանդէին եւ բանավէճ լինէին, մինչեւ իսկ ի մոլլայիցն զերիս եւ զչորս սպանին, եւ այս շփոթ վիճակը տեւեց զամս երկու ( ԴԱՎ. 126): Խղճալի կացութիւնը կը յուզէ Փարիայի Խոյիկեան գիւղը բնակող Գրիգոր անուն անձ մը, բնիկ Վայոցձորի Արփա գիւղէն, մարմնովն պարթեւահասակ եւ յաղթանդամ, սրտիւն արի, բանիւք եւ խելօք հանճարեղ, եւ հաւատովն հաստատ եւ ջերմագոյն անձ մը, որ միտքը կը դնէ վերջ տալ այդ կացութեան, եւ զանազան գիւղերէն եօթն հոգի ալ մէկտեղ առնելով Ասպահան կու գայ 1622-ին: Ամէն միջոց գործածելով, աղաչանք եւ կաշառք, պատճառաբանութիւն եւ կարեկցութիւն, իշխաններէն քանիներ կը շահի, անոնց միջնորդութեամբ Շահաբասի աղերսագիրներ եւ դիմումներ կը կրկնէ` հնգիցս եւ վեցիցս եւ աւելի, մինչեւ որ նախ բերանացի եւ յետոյ գրաւոր հրաման կը ստանայ որ Փարիա եւ Բուրվարի գաւառներու Հայերը համարձակ պաշտեսցեն զքրիստոնէութեան հաւատն իւրեանց ( ԴԱՎ. 127): Գրիգոր Արփայեցի միանգամայն կը յաջողի եւս 1000 թուման գումարը հաւաքել եւ վճարել, զոր իբր տուգանք պահանջած էր Շահաբաս` շնորհուած ազատութեան փոխարեն, եւ զոր ուրախութեամբ տուին Փարիացիներ եւ Բուրվարեցիներ, թէպէտ այդ երեսէն եղան չքաւորք եւ աղքատք կարի յոյժ: Գրիգորի յաջողութիւնը դրացի Պարսիկներու թշնամութիւնը գրգռեց, որ մահմետական մը սպաննելով Գրիգորի պարտէզը թողուցին եւ զայն իբրեւ սպանիչ ամբաստանեցին, եւ ատեան քաշելով ուրացութիւնը իբրեւ ազատութեան պայման առաջարկեցին: Բայց արիասիրտ իշխանաւորը հաստատութեամբ մերժեց, եւ յօժարակամ յանձնառու եղաւ գլխատմամբ նահատակուիլ ( ԴԱՎ. 128): Գրիգոր Արփայեցիի նահատակութիւնը մերձաւոր հաշուով յարմար է դնել միեւնոյն 1622 տարին ( ՆՈՐ. 434):