Ազգապատում. հատոր Բ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ԱՍՏՈՒԱԾԱՏՈՒՐ Ա. ՀԱՄԱՏԱՆՑԻ

1917. ՄՈՎՍԷՍ ՋՈՒՂԱՅԵՑԻ

Վերջին ատեններ Մայրաթոռոյ միաբանութիւնը ընտրութեան տէր էր դարձած, ազգային իշխանութեան եւ ներկայացուցչութեան դերը ջնջուած լինելով, եւ նա ալ դիւրաւ կը հետեւէր նախորդ կաթողիկոսէն յայտնուած միտքին: Այս անգամ ալ նոյն ճամբան բռնուեցաւ, եւ Մովսէս Ջուղայեցին, որուն արդէն Աղեքսանդր չմեռած հրաւէր ուղղուած էր, կրկին կոչուեցաւ գալ Էջմիածին եւ կաթողիկոսական աթոռը գրաւել: Ջուղայի առաջնորդներուն կաթողիկոսութիւնը` Ջուղայեցւոց ալ հաճոյանալու հետեւանքը կ՚ունենար, որոնք կարող եւ ունեւոր դիրք ունէին, եւ հարկաւ անոնց օժանդակութեամբն էր որ կաթողիկոսներ շինարար կը դառնային, թէ ոչ ուրիշ կողմեր աղքատութիւնն ու կարօտութիւնն էր որ կը տիրէր: Կը կարծենք թէ Մովսէս միակ օրինակն է պատմութեանս մէջ, որ պաշտօնապէս կաթողիկոսութեան կոչուելով, հրաժարի եւ յանձն չ՚առնէ զայն ստանձնել: Եղան կաթողիկոսութենէ հրաժարողներ, բայց զայն վարելէ եւ տկարութեան կամ դժուարութեան հանդիպելէ ետքը: Մովսէսի յայտնած դժկամակութեան շուտով չեն համակերպած Մայրաթոռոյ միաբանները, վասնզի  ոչ միանգամ, այլ եւ երկիցս եւ երիցս գրեալ են, եւ պահանջած յանձնառութիւնը, այլ Մովսէս անփոփոխ մնացած է իր միտքին վրայ, եւ շնորհակալ ըլլալով իրեն հանդէպ յայտնուած սիրելութեան, վճռապէս պատասխանած է Օ՜ն անդր ի բաց տարէք ի մտաց ձերոց, զի այդ ոչ է մեր գործ (ՏՅՈ. Բ. 50): Ինչ էր Մովսէսի դժկամակութեան ներքին պատճառը դժուար է ճշդել, զի ապիկար եւ գործէ փախչող մէկը չէր, եւ բազմաշխատ եւ բազմարդիւն անձ մը եղած էր Պարսկաստանի աթոռին վրայ: Աղեքսանդրի իր կտակով յայտնած վկայութիւնն ալ  ( Ճ1916) մեծ երաշխաւորութիւն մըն է, համբաւն ալ ամէն կողմ տարածուած էր, որ Յովհաննէս Կոլոտ ալ պատուադիր եւ գովասանական բացատրութիւններով անոր կը դիմէր Երուսաղէմի գործին համար (ՏՅՈ. Բ. 51): Տկարացած եւ անկարող դարձած ալ պիտի չ՚ըսենք, զի թուականէս ետքը տասը տարի եւս վաստակաւոր պաշտօնավարութիւն ունեցաւ Ջուղայի աթոռին վրայ մինչեւ 1725 մարտ 1-ը, որ է իր մահուան թուականը: Պէտք է ըսել թէ Մովսէս իր գտնուած վիճակէն գոհ, եւ Ջուղայի վանքին վրայ թափած աշխատութիւնը եւ ստացած արդիւնքները կիսատ թողուլ չ՚ուզելով, եւ բարձրագոյն աթոռի ծանրագոյն տաղտապանքներէ խորշելով, չէ ուզած իր խաղաղ դիրքը Էջմիածինի խռովեալ դիրքին հետ փոխանակել: Իր ժամանակին երկու եպիսկոպոսներու եւ 17 նշանաւոր վարդապետներու անուններ կը տրուին Ամենափրկչի վանքին մէջ, եւ 62 քահանաներու ներկայութիւնը կը վկայուի Ջուղայի 14 եկեղեցիներու համար  (ՏՅՈ. Բ. 51): Սակայն կարծես թէ բարեբաստիկ չեղաւ Մովսէսի ծանրագոյն տաղտապանքէ խուսափիլը, զի ոչ նուազ տագնապներ կրեց Ջուղայի մէջ Աֆղաններուն ապստամբելուն եւ Ասպահանի տիրապետելուն պատճառով:

1918. ԱՍՏՈՒԱԾԱՏՈՒՐԸՆՏՐՈՒԱԾ

Երբոր Մովսէս վճռական կերպով ընտրութենէն հրաժարեցաւ, Մայրաթոռոյ միաբաններ պարտաւորուեցան ուրիշի վրայ դարձնել աչուընին, բայց նորէն Ջուղայի միաբանութենէն չհեռացան, եւ վերեւ յիշուած Ս. Ամենափրկչի միաբան երկու եպիսկոպոսներէն Աստուածատուրը (ՏՅՈ. Բ. 51) յառաջ կոչեցին, հարկաւ նոյնիսկ Մովսէսի յանձնարարութեամբ, եւ ըստ այսմ անոր վրայ կատարուեցան պաշտօնական գործողութիւնները, եւ նա պետական հաստատութիւնն ալ ընդունելով Էջմիածին եկաւ 1715 մայիս 7-ին  (ՉԱՄ. . 768), որ է Յինանց երրորդ շաբաթ օրը` եւ գուցէ յետագայ օրն ալ Կարմիր կիրակէին օծումը ստացաւ  (ՇԱՀ. Ա. 225): Աստուածատուր Համատանցիի նախընթացին վրայ բնաւ տեղեկութիւն չունինք, եւ պիտի չկարենանք արժանապէս ներկայել: Իր պաշտօնավարութեան ընթացքին մէջ` գրաւած աթոռին անարժան չգտնուեցաւ: Երեւանեցին կը յիշէ զայն իբր  այր հեզաբարոյ եւ հոգելի, շնորհաշատ եւ գեղեցկատես, ջերմեռանդ եւ արտասուիչ, որ արար զբազում բարերարութիւնս եւ զտառապանս (ՋԱՄ. 27): Իր ձեռամբ կատարուած Մայրտաճարի նորոգութիւններէն կը յիշուին, Իջման տեղւոյն մարմարեայ շինուիլը, որ կը ցուցնէ թէ այնպէս չէր Եղիազարի նախնական շինութիւնը  ( Ճ1810), աւագ խորանի նորոգութիւնը, եկեղեցւոյ սիւներուն վերաշինութիւնը, եւ գետնին սալայատակուիլը, տնտեստունի շինուիլը, եւ անոր մէջ ջրհոր բացուիլը, ինչպէս նաեւ կալուածներէն մի մասին պետական վաւերագիրերով ապահովուիլը  (ՋԱՄ. 28): Աստուածատուրի այդ շինարար գործերը կը գրաւեն անոր հայրապետութեան առաջին հինգ տարիները մինչեւ 1720, զի այնուհետեւ պատերազմական շեփորները հնչեցին, եւ դրացի բանակներ իրարու դէմ ելան, եւ Էջմիածին ալ նեղուեցաւ ու տառապեցաւ, ինչպէս հետզհետէ պիտի պատմենք: Աստուածատուրի դաւանական ուղղութեան մասին ալ սովորական յանգերգը կը կրկնուի, թէ 1717-ին պապին  գրեաց զթուղթ հնազանդութեան իւրոյ եւ զմեծ գովասանս սուրբ եկեղեցւոյն Հռոմայ սակայն միայն մէկ մը այս յիշատակութիւնը կ՚ընէ  (ՊԷՃ. 263), եւ ուրիշ հռոմէական գրիչներն ալ չեն համարձակիր կրկնել, որով կասկածելի կը դառնայ սոյն մէկին գրածը: Պատճէնն ալ մէջտեղ չկայ` որ բուն պարունակութիւնը գիտնայինք, եւ եթէ գրած է, հաւանաբար Աղեքսանդրի գանգատին  ( Ճ1897) կրկնութիւնն է Լատին քարոզիչներու դէմ, եւ եթէ մէջը գովասանքի խօսքեր կան` դաւանական նշանակութիւն չեն ունենար: Իսկ հնազանդութիւն ըսուածն ալ` իր անձը նուաստացնող եւ դիմացինը բարձրացնող խօսքեր կ՚ըլլան, ինչպէս նման պատճէններու մէջ կը տեսնենք: Կը գտնուի նաեւ 1718 յունիս 19-ին Աստուածատուրէ գրուած կոնդակ մը Վենետիկ գտնուող Ջուղայեցի եւ ուրիշ վաճառականներուն, որ Էջմիածինի համար քանի մի բեռ կանթեղ, ջամ եւ այլ շուշեղէնհոգան  (ՏԱՇ. 1030), որուն մէջ բնաւ Հռոմի կամ հռոմէականութեան պատկանող խօսք չկայ: Դառնանք նորէն Կոստանդնուպոլիս

1919. ԼԱՏԻՆԱՄԻՏ ՋԱՆՔԵՐ

Յովհաննէս  անձակեցի պատրիարք ընտրուած էր 1714 մարտ 21-ին, Աղեքսանդրի մահուանէն 8 ամիս, իսկ Աստուածատուրի կաթողիկոսութենէն 14 ամիս առաջ, սակայն կամաւ անոր գործերուն մասին խօսիլը յետաձգեցինք  ( Ճ1914), շարայարեալ գործողութիւնները չ՚ընդհատելու համար: Հազիւ թէ  անձակեցին գործի ձեռնարկեց, երկու պարագաներ եկան կացութիւնը զայրացնել. մէկը Լատիններուն կողմէ իրենց հետեւողներու վրայ բռնադատութիւնը` Լատին եկեղեցի երթալու եւ Հայոց եկեղեցիներ չ՚երթալու, եւ միւսը Օսմանեան կառավարութեան ցուցած Լատինաց հետ բարեկամութեանց եւ մտերմութեանց դէմ խստութիւնը, Վենետկեցւոց հետ յարաբերութեանց խառնակելուն եւ մօտալուտ պատերազմի հաւանականութեան պատճառով անձակեցին խոհական կերպով նախապէս  ազդ արար նոցա եւ յորդորեց զնոսա գալ յեկեղեցի իւր (ՉԱՄ . 757), որպէսզի կառավարութեան կասկածներուն տեղի չտան, քանի որ իրեն վրայ ալ ստիպում կ՚ըլլար իր ժողովուրդին ընթացքին վրայ հսկել: Անսացողներ եղան, բայց Լատին քարոզիչներ սկսան աւելի եւս սաստկացնել իրենց արգելքը, խիղճերը պղտորել եւ ընտանիքները խռովել: Կը կարծէին թէ Հայոց պատրիարքարանին վրայ կրնան յաղթութիւնը տանիլ դեսպանական հովանաւորութեամբ, զի Ֆէրիօլի յաջորդը Պետրոս Տէզալլէօր կոմսը (Pierre-Puchot comte Desalleurs), իր նախորդէն նուազ չէր կրօնամոլ ընթացքին մէջ, թէպէտ անոր պէս մոլեգնութեան չէր հասներ անձակեցին Լատին եպիսկոպոսին ալ ղրկեց իր փոխանորդը, որպէսզի իր եկեղեցականները չափաւորութեան խրատէ, եւ կառավարութեան տրամադրութիւնները յիշեցնելով զգուշացուց տհաճոյ հետեւանքներէ: Ընդհակառակն Լատին եպիսկոպոսը իր գլուխը կը ժողովէ Հայերուն մէջ հռոմէականութեամբ կրթուած կամ հռոմէականութեան շահուած եկեղեցականները, եւ անոնցմով որոշում կու տայ  ի գլուխ տանել զիրսն, պատրիարքը պաշտօնէ ձգել, իրենցմէ մէկը պատրիարքութեան բարձրացնել, եւ այս նպատակով գաղտնի կերպով եւ խոստովանահայրերու միջոցով իրենց հետեւողներէն դրամ հաւաքել, պաշտօնական եւ անպաշտօն ծախքերու համար: Լատին եպիսկոպոսին հրամանատարութեան ներքեւ` Հայոց պատրիարքարանին դէմ մաքառելու պատրաստուող խումբին կ՚առաջնորդէր Մելքոն Թասպասեան եպիսկոպոսը  ( Ճ1895), որ կամէր զի ինքն լիցի առաջնորդ եւ պատրիարք (ՉԱՄ . 758): Իրեն կը հետեւէին Յովհան Նիկոմիդացի, եւ Սարգիս ու Երեմիա եպիսկոպոսներ, Յովսէփ Պէշիքթաշցի վարդապետ եւ Աստուածատուր Պարսկաստանցի քահանայ` իբրեւ շարժումին գլխաւորներ: Կառավարութիւնը տեղեկութիւն ստացաւ այդ եղելութեանց մասին, որոնց հանդէպ անտարբեր չէր կրնար ըլլալ, եւ թողուլ որ հպատակներէն ոմանք օտարի թելադրութեամբ եւ գլխաւորութեամբ իրեն հպատակ հասարակութեան դէմ գործեն: Եպարքոսը պատրիարքին  պատուիրեաց մի ումեք ասել ինչ, եւ վերեւ յիշուած երեք եպիսկոպոսները ձերբակալել տալով եդ յանծանօթ տեղւոջ ուրեք, իբր ի բանտի: Լատիններու հետ միաբանեալներ` կարծելով թէ պատրիարքին գործն է երեք եպիսկոպոսներուն անյայտանալը, հարիւր հոգիի խումբ մը կազմեցին եւ եպարքոսին վրայ բողոքի ղրկեցին` պատրիարքը ամբաստանելու, չգիտնալով թէ եպարքոսն ինքն է խաղին հեղինակը  (ՉԱՄ . 759)

1920. ՊԵՏԱԿԱՆ ԴԱՏԱՍՏԱՆ

Տամատ Ալի եպարքոս բողոքողները կ՚ընդունի, կը լսէ բողոքը, եւ կ՚ըսէ թէ գործը իմացած է, եւ թէ այն Երուսաղէմի հաշիւներու խնդիր մըն է` պատրիարքի եւ յիշեալ եպիսկոպոսներու հետ, որոնք երեք ընկեր եւս ունին եղեր, թող անոնք ալ բերեն որ դատը տեսնէ, եւ երաշխաւորութիւն առնելով բողոքողները կ՚արձակէ: Ամբոխը կը հաւանի, բայց միւս երեքը զորս Լատին եպիսկոպոսը պահած էր, մէջտեղ չեն ելլար: Այն ատեն ամբոխը Լատին եպիսկոպոսին կը դիմէ, կը սպառնայ որ զիրենք մէջտեղ նետեց, եւ այժմ վտանգի կ՚ենթարկէ, որով նա կը պարտաւորուի մէջտեղ հանել երեք պահուըտածները, զորս երաշխաւոր ամբոխը եպարքոսին կը ներկայացնէ, եւ անոնց հետ Յովհան Նիկոմիդացի եպիսկոպոսն ալ, զի Սարգիս եւ Երեմիա լատինամիտ եպիսկոպոսներ բանտին մէջ իսլամութիւն ընդունելով գործէն հրաժարած էին: Պատրիարքն ալ ատեան կը կանչուի, ուր իր գանգատը կը յայտնէ: Բայց անիկա` եպարքոսին յերիւրած պատճառանքին մասնակից չէր, ուստի պարզապէս կը յայտարարէ թէ Լատիններ մէջտեղ ելած են իր ժողովուրդը օտարացնել, կ՚արգելեն Հայ եկեղեցին գալ, կը յորդորեն պատրիարքարանի տուրքերը չտալ, եւ կը ստիպեն իրենց եկեղեցիները երթալ եւ տուրքերը իրենց վճարել: Կ՚աւելցնէ թէ այս չորսերն ալ անոնց գործակատարներն են: Եպարքոսը միւսներուն դառնալով բացատրութիւն կը պահանջէ, եւ Թասպասեան ամէնուն կողմէ պատասխանելով կը սկսի ըսել Պատճառն, որոյ վասն մեք ոչ թողումքfi: Եպարքոսը խօսքը կ՚ընդհատէ, եւ չի ներեր շարունակել, որովհետեւ  ոչ թողումքյայտարարութիւնը` կատարեալ խոստովանութիւն կը նկատէ, եւ իբր օտարներու եւ կառավարութեան թշնամիներու ձեռնտուներու` քրէական յանցապարտութեան եւ թիապարտութեան վճիռ կ՚արձակէ վրանին: Այսպէս Մելքոն եւ Յովհան եպիսկոպոսներ, Յովսէփ վարդապետ եւ Աստուածատուր քահանայ, թիապարտներու բանտը կը փակուին 1714-ին վերջերը, գոնէ յայտնի ամբաստանութեամբ եւ դատական վճիռով, եւ ոչ Աւետիքի պէս նենգաւոր յափշտակութեամբ եւ գողունի գործողութեամբ: Թիապարտներէն վերջին երեքը` իբր հետեւողներ` դրամական միջոցներով ազատութիւն կը գտնեն, միայն Մելքոն եպիսկոպոս, իբր շարժումին գլուխը` երկու տարիի չափ բանտը կը մնայ եւ հոն կը վախճանի: Այդ միջոցին իբր գործակից դատապարտուած են նաեւ Մելտոն Պալաթցի եւ Չախմախօղլու անուն անձեր, որոնց առաջինը ուրացութեամբ եւ երկրորդը դրամով ազատութիւն են ստացած  (ՉԱՄ . 761):

1921. ԳԱՒԱՌՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

Այդ դատաստանն ու անոր ելքը, եւ Լատիններուն բռնած երկդիմի ընթացքը, նոյնիսկ իրենց հետեւողներէն շատերը իրենցմէ պաղեցուց. եպարքոսական հրամաններն ալ կրկնուեցան օտարասիրութեան առաջն առնելու համար, գաւառներն ալ հրամաններ տրուեցան այդ մասին հսկելու, եւ գլխաւորները զսպելու: Այդ առթիւ շատեր ձերբակալուեցան, որոնցմէ Աբրահամ Արծիւեան եպիսկոպոսը  ( Ճ1896) Բերիայէ Կ. Պոլսոյ թիարանը բերուեցաւ, իսկ  րիգոր Եւդոկիացի վարդապետը, եւ քանի մը Կարնեցի քահանաներ, տեղւոյն վրայ բանտարկուեցան, բայց տուգանքով ազատեցան  (ՉԱՄ . 761): Արծիւեանի համար ալ կը պատմուի, թէ Հրէայ բանտակիցներու միջնորդութեամբ ազատութեան ճամբայ գտած ըլլայ  (ԴՒԹ. 44): Միայն հաւատալի չէ, որ Արծիւեանի 1717-ին պատրիարքական կոնդակով եւ պետական հրովարտակով Եդեսիոյ առաջնորդ անուանելուն առթիւ, կաթոլիկութիւն քարոզելու ազատութիւն տրուած ըլլայ (ԿԱԹ. 45), ինչ որ իր 1714-ին Տրապիզոնի առաջնորդութեան առթիւ ալ եղած կ՚ըսեն  (ԴՒԹ. 38): Վասնզի  անձակեցի պատրիարքին կաթոլիկութիւն զօրացնելու յանձնառութիւնը ենթադրելի իսկ չէ, եւ գործոց ընթացքը աւելի հաւանական կը ցուցնէ, Արծիւեան եպիսկոպոսին` պատրիարքարանի ընթացքին` գոնէ երեսանց համակրիլը, ինչ որ անսովոր չէր որեւէ միջոցներով սողոսկելու եւ հրապուրելու սահմանուած հռոմէական պաշտօնէից վրայ աւառներու վրայ տարածուած գործողութիւնները 1714 տարւոյն մէջ սկսած, եւ յաջորդ տարի շարունակուած էին:

1922. ՊԵՂՈՊՈՆԷՍԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ

Թուականներու բաղդատութիւնը շատ մեծ նշանակութիւն ունի եղելութեանց կապակցութիւնը եւ ներքին շարժառիթը բացատրելու: Արդ 1714-ին վերջերը Վենետիկցիներու դէմ պատերազմը ծրագրուած եւ պատրաստուած էր. 1715 յունուարին պատերազմական նշանները կայսերական պալատին դուռը դրուեցան, ապրիլին սուլտան Ահմէտ  . եւ Տամատ Ալի եպարքոս` մայրաքաղաքէն մեկնեցան, եւ նաւատորմիղը Թինոս կղզին գրաւեց. յունիսին Օսմանեան բանակը Պեղոպոնէս մտաւ. յուլիսին Կորնթոսի տիրացաւ, եւ հետզհետէ Նաուպլիա, Քօրօն, Նավարին եւ Մեթոն բերդաքաղաքները ցամաքի վրայ, Չերիկօ եւ Կրետէ կղզիներ ծովու վրայ` Օսմանցիներէ գրաւուեցան, եւ 1715 նոյեմբերին Վենետկոյ հանրապետութեան տիրապետութիւնը վերջացած էր Պեղոպոնէսի կամ Մօռայի թերակղզւոյն եւ Արշիպեղագոսի կամ Պահրը-Սէֆիտի կղզիներուն վրայէն: Ճիշդ այդ միջոցներուն էր որ Լատիններ իրենց հետեւողներուն խիղճին վրայ բռնանալով, եւ անոնց միտքը պղտորելով, կառավարութեան զայրոյթը կը հրաւիրէին, եւ այս կերպով իրենք իրենց պաշտպանեալներուն հալածիչը կը դառնային:

1923. ԿՈԼՈՏ ՊԱՏՐԻԱՐՔ

Միեւնոյն միջոցներուն, այսինքն 1715-ին, զատիկը ընելէն ետքը, որ կը հանդիպէր ապրիլ 17-ին, Երուսաղէմէ Կ. Պոլիս կու գայ Յովհաննէս Կոլոտ վարդապետ, եւ բոլորանուէր զինքն կու տար Երուսաղէմի կացութիւնը բարւոքելու: Շարունակ ամէն տեղ եւ ամէն ատեն, հրապարակաւ կամ առանձինն, բեմէն կամ բազմոցէն, Երուսաղէմի նեղութիւնները կը պատմէր, վերջին կործանման հասած ըլլալը կը բացատրէր, իր յանձնառու եղած երաշխաւորութիւնը կը յայտարարէր, եւ անմիջական դարմանի եւ զուարթառատ օգնութեան պէտքը կը զգացնէր: Ասոնցմէ աւելի արմատական կարգադրութեան մը անհրաժեշտութիւնը կը ցուցնէր, Երուսաղէմը ազատել տիրող դիրքէն, անոր սեփական տէրն ու գլուխը տալ ըստ առաջնոյն, Կ. Պոլսոյ պատրիարքարանին ուղղակի միջամտութիւնը խափանել, մէկ խօսքով պատրիարքութեանց միաւորութիւնը ջնջել, եւ Կ. Պոլսոյ դերը վերին հսկողութեան մէջ սահմանափակել: Այդ քարոզութիւնները եւ յորդորները կը խօսուէին Յովհաննէս  անձակեցի պատրիարքին ներքեւ, որ բնաւ արգելք եւ դիտողութիւն չէր դիմադրեր: Որչափ ալ նա Յովհաննէս Պալըքէսիրցին Երուսաղէմ ղրկելու սխալը գործած էր  ( Ճ1914), սակայն կ՚երեւի թէ միամտաբար սխալած էր, վասնզի այլեւս ոչ ըրածը կը պաշտպանէր եւ ոչ ալ Կոլոտին ձեռնարկին արգելք կը դնէր: Կոլոտի յորդորները սկսան ժողովուրդին համակրութիւնը գրաւել, եւ մեծամեծներուն մտադրութիւնը հրաւիրել, որոնք հետզհետէ իրեն ձեռնտու ըլլալու հաճութիւնը տուին, եւ որոնց մէջ յանուանէ կը յիշուին Յարութիւն Մուրատեան Ապուչեխցի, Յարութիւն Թէվէքէլեան Ապուչեխցի, Սարգիս Խալֆա Կեսարացի, Իսրայէլ Կոստանդնուպոլսեցի եւ Լութվի, որոնք յաջողեցան իրենց կողմը ձգել նաեւ Սեղբեստրոս Երեւանենց Ակնեցին  (ՀՆՆ. 138), աւելի ծանօթ Սեղբոս Ամիրա անունով, ամէնքն ալ  մահտեսիկոչումով պատուած անձեր, որ է ըսել Երուսաղէմի ուխտը կատարած, եւ սիրտով Երուսաղէմի սիրով տոգորուած: Ասոնք հաւանեցան Կոլոտի յայտնած պայմաններուն համակերպիլ. բայց ինչպէflս ընել, որ Կ. Պոլսոյ պատրիարք գտնուող անձը անկեղծօրէն ձեռք քաշէ Երուսաղէմի պատրիարքութենէն. ինչպէflս ապահովել, որ Կ. Պոլսոյ պատրիարքը յարգէ Կոլոտի անձնական երաշխաւորութիւնը  ( Ճ1915). զոflվ Երուսաղէմի պատրիարքութեան կոչել որ Կ. Պոլսոյ պատրիարքին հետ համերաշխ գործէ. եւ իflնչպէս վստահիլ որ հաւաքելի նպաստներ ամենայն ճշդութեամբ Երուսաղէմի պարտքերուն պիտի յատկացուին: Այդ դժուարութեանց լուծումը պատրաստելու համար` խորհեցան նոյն ինքն Կոլոտը Կ. Պոլսոյ պատրիարք անուանել, եւ Երուսաղէմի պատրիարքի ընտրութիւնն ալ անոր առաջարկութեան թողուլ Եկ, կ՚ըսեն դու լեր մեզ պատրիարք եւ առաջնորդ Կոստանդնուպոլսոյ, եւ յետոյ զորն եւ կամիս` զայն արա պատրիարք Երուսաղէմի, բայց միշտ  գիտութեամբ բոլոր իշխանացս: Կոլոտ տեսնելով որ իր կապած բեռը իր ուսը կ՚ուզեն բեռցնել, սկսաւ խուսափիլ եւ  պատճառեաց զբազումս. բայց գլխաւոր խնդիրը գործին տեւողութիւնն էր, որովհետեւ մինչեւ պարտքերուն ջնջուելուն պայմանաժամ նշանակուած չորս տարիներու լրանալը, շատ փոփոխութիւններ կրնային տեղի ունենալ եւ գործը խանգարել: Ասոր ալ իշխանները պատասխանեցին, թէ  մեք բնաւքս Աստուծով կամք ի յոտին առ ի օգնել քեզ վասն այսր իրի (ՀՆՆ. 138), որ է ըսել, խոստացան բոլոր ուժովնին Կոլոտի պատրիարքութեան տեւողութիւնը երաշխաւորել: Կոլոտը պատրիարք ընելու միտքը`  անձակեցիին պաշտօնէ դադարումը կը պահանջէր անձակեցիին իբր գովեստ, պէտք է դիտել տանք, որ ան չուզեց, որ սովորական եղած կերպերով, դրամով կամ ամբաստանութեամբ զինքն պաշտօնանկ ընեն, այլ նախկին վեհանձն ճարտարութիւնը կրկնեց, զոր ցուցած էր ընտրութեան առթիւ  ( Ճ1914), եւ խոստացաւ  կամովին հրաժարիլ ի պատրիարքութենէ (ՉԱՄ . 772):

1924. ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԱԹՈՌԸ

Այսպէս որոշուեցաւ Յովհաննէս Կոլոտի պատրիարքութիւնը` միայն Կ. Պոլսոյ աթոռին անունով, երբ տակաւին լոկ վարդապետ եւ 37 տարեկան էր  (ԿՈԼ. 15): Ինքն` Կոլոտ ալ Երուսաղէմի` պատրիարքութեան համար առաջարկեց  րիգոր եպիսկոպոս Շիրուանցին, իր հոգեհարազատ եւ հայրապատիւ ընկերակիցը, որ Մշոյ Ս. Կարապետի առաջնորդն էր  ( Ճ1910), եւ բնաւ անցուդարձէն տեղեկութիւն չունէր: Ըստ այսմ ամենայն ինչ սիրով եւ համերաշխութեամբ հաստատուելէ ետքը, Խաչվերացի շաբաթապահքին ուրբաթ օրը Կոլոտի պատրիարքութիւնը հռչակեցին եւ առժամոյն  նստուցին յաթոռն Կոստանդնուպոլսոյ, եւ յաջորդ շաբաթ օրը որ էր տօն սրբոյ Յարութեան եւ  ‹ողգոթային, այսինքն Խաչին նախընթաց նաւակատեաց օրը, տօնական պատարագին յիշատակութեան ատեն, Կոլոտի տուած հրահանգին համեմատ, ժամարարը բաժանաբար յիշեց Երուսաղէմի պատրիարք  րիգորը եւ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարք Յովհաննէսը. մինչ այն ատեն սովորութիւն եղած էր Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքը երկու աթոռներով միանգամայն յիշել: Այդ օրէն կը սկսի Երուսաղէմի պատրիարքներուն զատաբար Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան վիճակներուն մէջ յիշատակուիլը, որ ոչ իրաւունքի կամ իշխանութեան եւ ոչ ալ յատուկ պատւոյ նշանակութիւն ունի, այլ միայն պատմական եղելութեան մը հետեւանքն է. Երուսաղէմի աթոռին ալ Կոստանդնուպոլսոյ աթոռէն առաջ յիշուիլը` պարզապէս Կոլոտի կողմէն իր հայրապատիւ ընկերակցին հանդէպ մեծարանքի ցոյց մըն էր, ապա թէ ոչ իրաւասութեան կանոնով, տեղական իշխանութիւններ եւ ուղիղ գերիշխանութիւններ նախապատուութիւն կը վայելեն: Բայց սկսուած սովորութիւն մը կը շարունակէ, եւ շարունակելով օրէնք կը դառնայ: Այդ նշանաւոր եղելութեանց թուականը 1715 յիշուած է  (ՍՐ . ), իսկ ամսաթիւը Հաննա պատմագիր սեպտեմբեր 12, եւ սեպտեմբեր 13 կը դնէ  (ՀՆՆ. 139), սակայն եօթնեկի եւ տօնի օրերը 1715-ին սեպտեմբեր 9-ին եւ 10-ին կը պատասխանեն, եւ պատմագիրը կամ ընդօրինակիչը թիւրիմացութեան ինկած պիտի ըսենք: Ուրիշի կողմէն ալ սեպտեմբեր 16-ին եւ 17-ին տանելու ուղղութիւնն ալ  (ՉԱՄ . 772), տօնական յիշատակին չի յարմարիր: Պատրիարքութեանց բաժանումը խնդութեամբ ընդունուեցաւ ժողովուրդէն, որ երկու նորընտիրներուն ստանձնած ծանր բեռը նկատի առնելով կը մաղթէր. Տէր օգնեսցէ նոցա (ՀՆՆ. 139) անձակեցիի ընթացքին մասին հետեւեցանք Չամչեանի եւ ուրիշներու գրածին  (01. ՕՐԱ. 128), եւ կամաւ հրաժարիլը գրեցինք  ( Ճ1923): Սակայն Երուսաղէմի նոր պատմագիրը, չենք գիտեր ուստի քաղելով կը գրէ, թէ  անձակեցին Պարսկաստան փախած ատեն ձերբակալուեցաւ եւ բանտարկուեցաւ, եւ Կ. Պոլսոյ պատրիարքութենէն զրկուեցաւ, բայց Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը վրան մնաց, որով  չարչարեաց զաղքատս, եկեր եւ վատնեաց զինչս եւ զստացուածս եկեղեցեաց եւ վանօրէից, մինչեւ որ  դատապարտեցաւ ի պատիժ պատուհասի (ԱՍՏ. Ա. 440): Մեր տեսութեամբ թիւրիմացութեան հետեւանք պէտք է ըսել այս դարձուածը, որովհետեւ Հաննա որ ականատես եւ գործակից էր, այդպիսի պարագաներէ տեղեկութիւն չունի, Երուսաղէմի ինչքերուն նոր վատնող մը չի ճանչնար, թող որ անիմանալի է Կ. Պոլսոյ աթոռէն գահընկէց եղած եւ բանտարկուած պատրիարքին Երուսաղէմի աթոռը կարենալ պահելը եւ անով զեղծանիլը: Ուստի անհնար կը տեսնենք կարեւորութիւն ընծայել այդ վերջին պատմութեան:

1925. ՊԵՏԱԿԱՆ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՄ

Սակայն կատարուած գործողութիւնը եւ նոր պատրիարքներու հռչակուիլը ազգային շրջանակի մէջ եղած գործ էր, եւ դեռ իր պաշտօնական եւ իրական լրումը չունէր. ուստի պետական հաստատութիւն ստանալ պէտք էր, եւ Երուսաղէմի պատրիարք ընտրուած անձը գործին գլուխը անցնել: Մինչեւ որ այս գործողութիւնները լրացան մի տարի եւ ութն ամիսատեն անցած է Հաննայի հաշուով  (ՀՆՆ. 140) րիգոր Շիրուանցին հաճեցնելու համար ալ նամակներ գրուեցան, եւ անոր դժկամակութիւնը յաղթելու համար հրովարտակին առնուելէն ետքն իսկ հարկ եղաւ Աստուածատուր կաթողիկոսին գրել, եւ  ի ձեռն վարդապետի միոյգիրերը յղել. եւ հազիւ թէ երբ կաթողիկոսը  իւրով հարկեցուցիչ հրամանաւն հարկադրեաց, խոնարհեցաւ րիգոր մինչեւ ետես զաննահանջելի հարկադրութիւնն ծայրագոյն քահանայապետին իւրոյ: Սակայն այդ կերպով  րիգորի յանձնառութիւնը երկու տարի ուշացաւ (ՀՆՆ. 143): Պաշտօնական գործողութեանց, եւ երկու պատրիարքութիւնները իրարմէ բաժնելու, եւ նոր ձեւով հրովարտակներ պատրաստել տալու համար բաւական դժուարութիւններ ելան. բայց Հաննա իսկ չի մանրամասներ, թէ  զորպիսի նեղութիւնս եւ անձկութիւնս կրեցին, եւ զորքան դրամս յինքեանց ցրուեցին`գործին վրայ կեցող իշխանաւորները: Պէտք եղաւ որ Կոլոտ անձամբ Ադրիանուպոլիս երթայ, ուր էր սուլտան Ահմէտ  , եւ իրեն հետ գացին մեծամեծներէն Մելիտոն Արապօղլու Կեսարացի, Յարութիւն Հովուեանց, եւ միւս Յարութիւն Սեղբոսի ընկերը, եւ ուրիշներ, որոնց գործակից եղաւ Ադրիանուպոլսոյ առաջնորդ ծերունի Աբրահամ վարդապետ  (ՀՆՆ. 140): Եթէ հրովարտակներուն ստացութեան ժամանակը Կոլոտի Երուսաղէմէ մեկնելէն 20 ամիս պիտի հաշուենք Հաննայի ցուցածին համեմատ (ՀՆՆ. 140), 1716 նոյեմբերին պիտի դնենք անոնց ստացութիւնը, եւ 1717 տարւոյ Ծնունդի օրերուն կը մնայմեծահանդէս սիւնհոդոսնՄայր եկեղեցւոյն մէջ, զոր Կոլոտ հաւաքեց Ադրիանուպոլսէ դառնալէն ետքը: Անկէց ետքն է Աստուածատուր կաթողիկոսին եղած դիմումը, եւ  րիգորի վերջնապէս համակերպիլը, եւ Մուշէ մեկնելով Կ. Պոլիս հասնիլը 1717-ին  ի յաւուր տօնի Վերափոխման (ՀՆՆ. 143), օգոստոս 18-ին: Ինչպէս կը տեսնուի, շատ երկարատեւ եղաւ Կոլոտի յղացած խորհուրդին գործադրութիւնն ու աւարտը, եւ պարտքերուն վճարման համար պայմանաւորուած չորս տարիներէն երկուքուկէսը ապարդիւն անցան:

1926. ԳՐԻԳՈՐՇՂԹԱՅԱԿԻՐ

Այդ յապաղումը ստիպեց երկու պատրիարքակից հին ընկերները ամենայն փութաջանութեամբ գործի ձեռնարկել, իրարու հետ մրցելով` սիրով եւ համերաշխութեամբ: Սրտաշարժ են Կոլոտի`  րիգորը դիմաւորելու ատեն խօսած ողջունի խօսքերը Ո՜վ սուրբ տեղեաց պսակադիր, խոնարհեցար եւ եկիր, երեսս ի հող եւ մոխիր, ճանապարհիդ որ եկիր, եւ այս խօսքերով ու  արտասուելով զմեծ ժամսանոր կը փարի ու կը համբուրէ  (ՀՆՆ. 143) րիգոր որչափ առաջուց դժկամակ, նոյնչափ եւ աւելի բոլորանուէր եղաւ ստանձնած պաշտօնին, եւ յանձն առած գործին, որ է Երուսաղէմը փրկանաւորել իր պարտքերէն եւ զայն պայծառացնել նորանոր կարգադրութեամբ: Իբրեւ նշանակ իր անկեղծաւոր անձնուիրութեան եդ ի պարանոցս իւր զանուրս երկաթիս զերեսարաս, եւ փակեաց զայն ազխիւք ամրագունիւք, ուխտելով ընդ Աստուած, ոչ հանել զայն ի պարանոցէ իւրմէ, մինչեւ այց արասցէ նոյն ինքն տառապեցելոյ ազգս Հայոց, եւ սրբեսցէ զարտօսր յամենայն աչաց, եւ բարձցէ զնախատինս յազգէս մերմէ, թեթեւացուցանելով զլեռնակուտակ բարդումն ծովասարաս պարտուց (ՀՆՆ. 146) րիգորի իր վիզը անցուցած երկաթեայ շղթայի անուրն է, որ անոր տուաւ  Շղթայակիրեւ այլազգօրէն  Զինճիրլիմականունը, որով սկսաւ կոչուիլ ամենէն, եւ որ իրեն վրայ իբրեւ հաստատուն մականուն մնացած է պատմութեան մէջ րիգորի պատրիարքութիւնը ստանձնելուն թուականը, իր կնիքէն քաղելով պէտք է դնել 1717-ին  (ԿՈԼ. 61), թէպէտ շատեր կը գրեն 1718-ին, որ թերեւս անուրը վիզն անցընելուն թուականն է, թէպէտ օրը չկարենանք ճշդել րիգոր անուրը վիզը անցընելով իր վրայ կ՚ուզէր անձնաւորել Երուսաղէմը, այսինքն Երուսաղէմի Հայ աթոռը, որ  լեռնակուտակ պարտուցներքեւ ինկած  (ՀՆՆ. 145), եւ բոլոր իր ստացուածներովը պարտատէրներու երաշխաւորութեան մատնուած, տիրապէս վաճառեալ գերի մըն էր անոնց ձեռքը, եւ բոլոր իր ազատութիւնը կորուսած: Երուսաղէմի աթոռին այս գերութիւնը կը պատկերացնէր Շղթայակիրը իր  գերեսարասանուրովը րուած չենք գտներ թէ ինչ ծանրութեամբ եւ ինչ չափով օղակ մըն էր  րիգորի իր վիզին վրայ  ազխիւք ամրագանիւքպնդած անուրը, զոր երկար տարիներ վիզէն չհանեց: Ինչպէս օրինակով Երուսաղէմի աթոռին գերութիւնը անձնաւորած էր  րիգոր, նոյն ոճով ալ կը խօսէր միշտ, եւ տօն օրեր եկեղեցւոյ դրան առջեւ կանգնած, Երուսաղէմի բերնէն ողբագին կը կրկնէր Ողորմեցարուք, ողորմեցարուք ինձ, հաւատացեալքդ Քրիստոսի, զի տունն իմ ի գրաւի է, եւ որդիք իմ հեռացեալ են յինէն, եւ ես մատնեալ եմ ի գերութիւն, ողորմեցարուք ինձ (ԱՍՏ. Ա. 441): Երկու պատրիարքներուն ձեռք ձեռքի տուած քրտնաջան ճիգերը իրենց արդիւնքն ունեցան, զի երկուքին քարոզութիւնները րիգորի անձնուիրութիւնը, Յովհաննէսի հովանաւորութիւնը, եւ մանաւանդ անոնց առաքինի եւ անձնուրաց օրինակը` ամէնքը վառեց Սուրբ տեղեաց բարեպաշտութեան եւ նպաստներ ու նուէրներ սկսան առատապէս տեղալ յօգուտ սրբոյ աթոռոյն

1927. ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՄԱՐ

րիգոր պէտք չտեսաւ պատրիարքութիւնը ստանձնելուն պէս իր աթոռը երթալ, եւ հոն բարեկարգութիւն հաստատել, վասնզի ամէնէն առաջ պէտք էր պարտքերը թեթեւցնել, կալուածներու եւ սպասներու եւ ինչքերու տէր դառնալ, եւ այդ նպատակին համար Երուսաղէմ գտնուիլը բնաւ օգուտ չունէր. նպաստներ ու նուէրներ ազգին հանրութենէն, եւ գլխաւորապէս մայրաքաղաքէն պիտի ելնէին, ուստի անհրաժեշտ էր ազգային կեդրոնին մէջ մնալը: Իսկ Երուսաղէմի մէջ կարող եւ հաւատարիմ փոխանորդի եւ մատակարարի մը պէտքը կար, ոչ եւս պապայի մը կամ նազըրի մը, այլ տիրապէս պատրիարքին փոխանորդին կամ աթոռակալին, եւ այդ պաշտօնին կոչուեցաւ երկու պատրիարքներուն կոնդակով Յովհաննէս վարդապետ Երուսաղիմացի, կամ արաբացւոց լեզուաւ` Հէննէ վարդապետ կոչուած  (ՀՆՆ. 145), եւ աւելի սովորաբար Հաննա հնչուած  (ՀՆՆ. 2): Նա Կոլոտի փոխանորդութեան օրէն անոր հաւատարիմ եւ անխոնջ գործակիցն էր եղած, եւ ստուգիւ այդ պաշտօնին արժանաւոր անձն էր, եւ ինքն է այդ եղելութեանց մանրամասնութիւնները մեզի հասցնող պատմաբանը: Նպաստները առատացնելու համար շրջաբերականներ եւ յորդորագիրներ ուղղուեցան ամէն կողմ, Յովհաննէս պատրիարքի անունով եւ մեծամեծներու ձայնակցութեամբ, ոչ միայն Տաճկաստանի այլեւ Պարսկաստանի վիճակները: Անշուշտ Աստուածատուր կաթողիկոսի ալ դիմում եղաւ նպաստի համար, ինչպէս  րիգորը համոզելու նպատակով եղած էր  ( Ճ1825), եւ այս յայտնապէս կը քաղուի 1721 հոկտեմբեր 18-ին Աստուածատուրի գրած նամակէն, որով կը հաւանի Կարինէ ետ քաշել Էջմիածնի նուիրակ Մխիթար  ողթնացի վարդապետը զի գործ սուրբ տանդ յառաջեսցէ, եւ մերն յետոյ լինիցի (ԱՍՏ. Բ. 8): Իսկ Պարսկաստանի առաջնորդ Մովսէս Ջուղայեցիի ուղղուած գիրին մէջ, որ Յովհաննէս պատրիարքի եւ 250 ականաւոր հոգեւորականներու եւ ժողովրդականներու կնիքները կը կրէր, կը յայտարարուի, թէ  յետ սրբազան կաթողիկոսին մերոյ հօրն հասարակաց, զքոյդ վեհանձնութիւն ունիմք մեզ հայր եւ խնամածու եւ հեղինակ առ բարեացն շաւիղ (ԱՅՍ. Բ. 52): Կաթողիկոսին անունը յիշելնին ալ, նախապէս անոր ալ դիմելնին կը ցուցնէ: Ջուղայի եւ բոլոր Պարսկահայ քաղաքներու հաւատացեալները, որոնք ոչ նուազ ջերմեռանդ էին Սուրբ Տեղեաց, եւ կարողութեան տէր ալ էին, հարկաւ առատապէս մասնակցած են Երուսաղէմի պարտքերուն վճարման: Երբոր այսպէս յաջող պարագաներու ներքեւ կը սկսէր Երուսաղէմի համար հանգանակութեան գործը, յանկարծահաս աղէտ մը վերիվայր շրջեց ամէնուն բարենպատակ ջանքերը: Միեւնոյն 1718 տարին յուլիս 5-ի շաբաթ կէսգիշերին, լոյս Հոգեգալստեան հինգերորդ կիրակիին, ահագին հրդեհ մը, որ 34 ժամ տեւեց, Կ. Պոլսոյ մեծ մասը  մաքրեաց (ՍՐ . ), եւ մայրեկեղեցին եւ պատրիարքարանն ալ այրեցան, իրենց շրջանակներով, ուր  բազումք իշխանք Հայոց բնակէին, որովգրեթէ իսպառ յուսակտուր եղեալ լքան երկոքին պետքն սրբազանք (ՀՆՆ. 146), զի մայրաքաղաքը կը պարտաւորէր նախապէս իր աղէտը դարմանել: Սակայն մեծամեծներուն գլխաւորները չյուսահատեցան, եւ գլխաւորապէս Սեղբեստրոս, Մելտոն, Սարգիս եւ Յարութիւն իշխանաւորներ, որոնք արդէն յիշուեցան: Նախապէս մայրեկեղեցւոյ եւ յարակից պատրիարքարանին շինութեան հետեւեցան, որ 1719-ին սկսաւ, եւ 70 օրուան մէջ աւարտեցաւ  (01. ՕՐԱ. 129), որուն  ինքեանք իսկ պետքն սրբազանք, որպէս զյետին մշակս ի մէջ փայտի եւ քարի աշխատէին: Նոր շէնքին պայծառութիւնը  եղեւ տասնապատիկ քան զառաջինն, եւի լրանալն արարին զտօն նաւակատեաց տեառնագրական (ՀՆՆ. 147), Շղթայակիրին նախագահութեամբ  (01. ՕՐԱ. 129), որ եպիսկոպոսական աստիճան ունէր: Այսպէս մայրաքաղաքին աղէտը դարմանելէն ետքը կրկին ոյժով սկսան Երուսաղէմի համար աշխատութիւնները, զորս առաջ ալ բարձի թողի ըրած չէին: Ջանացին որ հետզհետէ պարտքերը վճարուին, գրաւի դրուած կալուածներ եւ ինչքեր եւ սուրբ անօթներ փրկանաւորուին, եւ միանգամայն մեծամեծ նորոգութեանց եւ ապագային ծախքերուն համար ալ նոր գումարներ հայթայթուին: Ուստի հանգանակութիւնները շարունակեցին եւ հետզհետէ Երուսաղէմ փոխադրեցին, որ Հաննա վարդապետի ձեռօք կարգադրուին` Շղթայակիրին հրահանգներուն եւ Կոլոտի խորհուրդներուն համաձայն: Այս է պատճառը, որ Շղթայակիրին իր աթոռը երթալը յապաղեցաւ մինչեւ 1721  (ՀՆՆ. 148)

1928. ՆԵՂՈՒԹԵԱՆՑ ԴԷՄ ՃԻԳԵՐ

Արեւելեան գաւառներու մէջ տեղի ունեցող շարժումներուն մասին խօսեցանք մինչեւ Օրիի մահը, 1711-ին  ( Ճ1900), եւ ըսինք ալ թէ անոր գործին շարունակութեան կը հետեւէր Մինաս Տիգրանեան վարդապետը, եւ թէ երեք տարիէ աւելի Աստրախանի կողմերը դեգերեցաւ, Ռուսները Պարսիկներուն դէմ գրգռելու աշխատեցաւ` Հայաստանի ապահովութիւնը պատրաստելու նպատակով  ( Ճ1902): Պետրոս Ռուսաց կայսրը, ոչ գործը լքանել ուզելով եւ ոչ անմիջական ձեռնարկի դիւրութիւն ունենալով, խնդիրը կը ձգձգէր, եւ չէր ալ կրնար հետեւիլ Մինասի առաջարկներուն, որոնք հաւանականութեան նշաններ իսկ չէին ներկայեր  (ԼԷՕ. Բ. 285): Պետրոս երբոր 1715-ին Արտէմ Վոլինսկին Պարսկաստանի դեսպանութեան կը ղրկէր  ( Ճ1902), Մինասի ալ յանձնարարեց, որ  գնայ Հայաստան տեղեկութիւններ հաւաքէ, եւ այս պաշտօնով Մինաս 1716 յուլիսին Աստուածատուր կաթողիկոսին ներկայացաւ Էջմիածին: Եթէ Մինասի ներեալ էր իր անհատական ձգտումներով յախուռն եւ վտանգաւոր ձեռնարկներէ չքաշուիլ, կաթողիկոսի մը ներեալ չէր նոյն յանդգնութեամբ գործել, եւ անկայուն ձեռնարկներով կացութիւնը վտանգել: Թէպէտ Մինասը չվհատեցուց եւ բերանացի քաջալերներ ալ չզլացաւ, բայց գործունեայ շարժումի չհամակերպեցաւ, որ կրնար Պարսիկներու վրէժխնդրութիւնը գրգռել, առանց ապահովուած օժանդակութիւն տեսնելու. չքաշուեցաւ ալ պարզ նամակ մը գրել թէ  վարդապետը ներկայացել է իրան, պատմել է ամէն ինչ, եւ ընդունուել է սիրով (ԼԷՕ. Բ. 286): Մինաս Էջմիածին  անձասար անցաւ ներկայանալ Եսայի կաթողիկոսին, որ Օրիի հետեւած էր մինչեւ Աստրախան, անձամբ ձարին ներկայանալու համար  ( Ճ1900): Եսայի լաւ ընդունելութիւն ըրաւ Մինասի, ինչ որ նախատեսելի էր. արքեպիսկոպոսութեան ալ բարձրացուց, եւ Պետրոսի ալ գրեց 1716 օգոստոս 10-ին, թէ  մեք պատրաստ եմք ընդ առաջ քո ըստ իմում կարողութեանս, եւ մեր նահանգիս մելիքովք, մեծամեծովք եւ փոքումբք, եւ ցորժամ կամեսցի հզօր եւ մեծ թագաւորութիւնդ աճապարել այսր կամօքն Աստուծոյ (ԵԶՆ. 316): Եսայիի եւ Աստուածատուրի տարբեր ընթացքին պատճառը, ոչ միայն երկուքին տարբեր տեսութիւններն էին, այլեւ երկուքին մէջ յարաբերութեանց պաղութիւնը: Աղեքսանդր կաթողիկոս Եսային պաշտպանած էր Աղուանից հակաթոռ կաթողիկոս Ներսէսի դէմ, այլեւ յատուկ կոնդակով Շամախին ու Շիրվանը շրջանակներով Եսայիի թեմ տուած էր. մինչ Աստուածատուր, թէպէտ Ներսէսի մերժումը պահած էր, բայց Եսայիի իրեն դէմ բռնած արհամարհական ձեւերէն ցաւած, նոր կոնդակով մը Շամախին ու Շիրվանն ու Շաքին տէրունի հռչակելով հանած էր Աղուանից աթոռին իրաւասութենէն  (ՋԱՄ. 83): Ճիշդ 1716-ին այդ կացութիւնը կը տիրէր: Մինաս Հայաստանէ դառնալուն զանազան նեղութեանց, մինչեւ իսկ բանտարկութեան հանդիպեցաւ, եւ հազիւ 1717 մարտ 14-ին զինքը կը գտնենք Մոսկուա, ուր իր ուղեւորութեան մասին տեղեկութիւններ կը հաղորդէ Պետրոս կայսեր: Վօլինսկին ալ կը դառնար նոյն ատեն, բայց չենք գիտեր ինչու. թէ Մինասի եւ թէ ընդհանրապէս Հայերու եւ Արեւելցի քրիստոնեաներու մասին նպաստաւոր չէին անոր տեսութիւնները, երբ Պարսից տէրութիւնը անկեալ եւ գրեթէ ոչնչացեալ կը ցուցնէր, եւ կը հաղորդէր Վրացիներուն շարժումի պատրաստ ըլլալը: Ինչ ալ ըլլան իւրաքանչիւրին դիտումները, ստոյգ է որ բոլոր այդ տեղեկութիւնները նպատակ ունէին Պետրոսը գրգռել Պարսից դէմ ելլելու եւ քրիստոնէից ապահովութիւնը իրագործելու:

1929. ԱՂՈՒԱՆԻՑ ԳՈՐԾԵՐԸ

Պարագաները կարծես թէ իրար կը մղէին: Ճիշդ 1717-ին էր որ Աֆղաններու շարժումը բուռն յարձակողականի ձեւ կ՚առնէր, եւ Միր-Վէյս որդւոյն Միր-Մահմուտի հետ, սահմանակից իշխաններն ալ համախմբած, Պարսից վրայ կը քալէր, մինչ շահ Հիւսէյինի մեղկացած եւ ապիկար կառավարութիւնը, ի զուր կը ջանար արշաւանքին առջեւն առնուլ: Թէպէտ եւ մասնաւոր յաջողութիւններ կ՚ունենար, այլ իսլամական երկու աղանդներու մրցումը հետզհետէ կ՚ընդարձակուէր: Երբ Սիւննիներու մէկ ճիւղը` այսինքն Աֆղանիստանի եւ Պելուճիստանի բնակիչները` Արեւելքէն կու գային Շիի Պարսիկներու դէմ, հարաւէն ալ Քուրդեր, եւ հիւսիսէն Լեզգիններ 1718-ին կ՚արշաւէին Պարսկական գաւառները, եւ կ՚ողողէին Սալմաստն ու Համատանը, ու բովանդակ Արարատը եւ կը դիմէին դէպի Ասպահան: Տագնապալից կը դառնար Հայերուն կացութիւնն ալ Էջմիածնի եւ Աղուանից կաթողիկոսական վիճակներուն մէջ հաւասարապէս: Եսայի, որ շարժումի գաղափարներով վառուած էր, ինքն ալ զգաց որ արկածախնդիր կերպեր կրնան վնասակար ըլլալ, ուստի մէկ կողմէն յատուկ պատուիրակով Մինասին կը յանձնարարէր  մեծ զգուշաւորութիւն (ԼԷՕ. Բ. 293), եւ միւս կողմէն 1719-ին անձամբ Էջմիածին գալով եւ  խոստովանելով զյանցանսիր` Աստուածատուրի հետ կը հաշտուէր, եւ նորէն Շիրուանի նահանգին իրաւասութեան եւ իրաւունքներուն համար կաթողիկոսական կոնդակ կ՚ընդունէր Աստուածատուրէ: Բայց այս անգամ Շիրուանցիները կը դժկամակէին յայտարարելով, թէ  մեք Էջմիածնի եմք վիճակ ‹անձասարու ոչ ունիմք զպարտս (ՋԱՄ. 84): Եսայի 1720-ին կրկին Էջմիածին կը դառնայ այդ դժուարութիւնը վերցնելու, եւ Աստուածատուր երկրորդ կոնդակով առաջին որոշումը կը հաստատէ, եւ ժողովուրդին միտքը բուժելու համար կը հաւաստէ, թէ Եսայի  վերադարձաւ առ մեզ ի հնազանդութիւն, վասն որոյ եւ մեք վերանորոգեցաք զվաղեմի հայրական սէրն մեր: Մանաւանդ թէ նկատի առնելով  անձասարի աթոռին կարօտութիւնը, եւ ուզելով զայն զօրացնել Խաչէնի հակառակաթոռ Ներսէսի դէմ, Կենջայու այսինքն  անձակի վիճակն ալ Եսայիի կը թողուր, եւ Նախիջեւանի, Ագուլիսի, Ղափանի եւ Տփղիսի վիճակներուն վրայ ալ ժողովարարութեան կոնդակ կու տար  (ՋԱՄ. 84): Սակայն այս միջոցները բաւական չէին կացութիւնը բարւոքել: Աղուանք ոտնակոխ եղած էին Լեզգիներու անգութ արշաւանքին եւ անողորմ հուղկահարութեանց երեսէն: Խաչէն աւերակ կը դառնար, Եսայի  անձասարը կը թողուր եւ լեռ կը քաշուէր անձակ ոտնակոխ կ՚ըլլար, որչափ ալ Վախտանգ Վրաց իշխանը իր մասին, եւ Արցախի իշխաններ իրենց կողմերուն պաշտպանութեան միջոցներու ալ կը դիմէին: Ասոնք գիրի մը մէջ կը պատմեն, թէ  անճար մնալով ձեռս տուաք միմեանց, 10 եւ 12 հազար մարդ ժողովեցանք, պատերազմ մտանք, եւ իբր հրամանատարներ կը յիշուին Եսայի կաթողիկոսը, Շիրուան  Պարտայուկամ Պարտաւցին, Սարգիս  Չարայպերթուկամ Ջլաբերդցին, եւ Յովսէփ  ի  ‹անճայուկամ  անձակեցին (ԵԶՆ. 341): Սակայն իրական արդիւնք մը յառաջ չի գար, եւ երկրին աւերումը չի դադարիր, զի զանազան կողմերէ Պարսիկներուն վրայ յարձակողներ, թէեւ իրարու ոյժ կու տային իրենց համամիտ ուղղութեամբ, բայց իւրաքանչիւր ճիւղ առանձին առանձին կը գործէր:

1930. ԱՖՂԱՆՆԵՐՈՒ ԶՕՐԱՆԱԼԸ

Զօրաւորագոյն կողմը Աֆղաններն էին: Երբ Միր-Վէյս իշխաննին մեռաւ, Միր-Ապտուլլահ եղբօրը կ՚իյնար իշխանութիւնը, սակայն Միր-Մահմուտ հօրեղբայրը սպաննելով իր յաջորդութիւնը ապահովեց, եւ իսկոյն իրենները նոր պատերազմի քալցուց, եւ Կըրման նահանգը գրաւեց 1721-ին: Շիտակ Ասպահանի վրայ քալեց, եւ Կուլնապատի դաշտը բնակեցաւ, իսկ Հիւսէյին թագաւոր Ասպահանի միջնաբերդը ապաւինեցաւ: Այդ եղելութեան ամսաթիւ կը ցուցուի  Սուրբ Խաչն անցեալ` միւս շաբաթն (ՏՅՈ. Ա. 226), զոր Խաչի երկրորդ շաբաթ օրուան վրայ մեկնելով կը դնենք 1721 սեպտեմբեր 30-ին: Հայաբնակ Նոր-Ջուղան Ասպահանի պարսպապատ եւ ամրացած քաղաքէն դուրս կը մնար, եւ առաջին անգամ Աֆղաններէն ոտնակոխ ըլլալու սահմանուած էր: Ջուղայեցիք կառավարութեան դիմեցին, որ զիրենք ալ Ասպահանի մէջ ընդունի, բայց մերժուեցան, զի պաշարեալ քաղաքին մէջ աւելորդ բերան աւելցնել կ՚ըլլար, մանաւանդ որ նախարարներ մտածեցին, թէ Աֆղաններ  աւազակք են եւ ազգ անարգ եւ վայրենի, որ աւելի աւարի հետամուտ են, եւ կրնան  զփարթամութիւնս Ջուղայեցւոց կողոպտելովյագենալ եւ ետ դառնալ  (ՉԱՄ . 780): Այն օրերը մղուած Ֆահրապատի ճակատամարտը ձախող եղաւ Պարսիկներուն, եւ Մահմուտ սկսաւ Ջուղայեցւոց սպառնալ: Ջուղայի Պարսիկ կառավարիչն ալ փախաւ, եւ Հայեր յատուկ պատգամաւորութեամբ Մահմուտի գթութեան դիմեցին առատ ընծաներով, եւ պատգամաւորութեան գլուխ էր Մարգար Բաղտասարեան Լղվորենց, հմուտ քաղաքական եւ մինչեւ Հնդկաստան ուղեւորած վաճառական: Մահմուտ հաճեցաւ 70, 000 թուման հարկի վճարման պայմանով, որուն կամայ ակամայ ենթարկուեցան Ջուղայեցիք (ՏՅՈ. Ա. 234): Ոմանք պատգամաւորութեան բանտարկուելուն եւ 40 աղջիկ ալ տալուն պարագաները կ՚աւելցնեն (ՉԱՄ . 781-782), սակայն սկզբնական պատմագիրներ այսպիսի պայմաններ չեն յիշեր: Ջուղայեցիք թէպէտ ծանր բեռան ներքեւ մտած, բայց գոնէ ազատ մնացին այն սաստիկ սովէն որ Ասպահանի մէջ տիրեց, եւ 20, 000 անձինք սովամահ մեռան, եւ Շահ Հիւսէյին ալ վերջին նեղութեան մէջ ստիպուեցաւ անձնատուր ըլլալ, եւ իր ձեռքով արքունական նշանները իր գլուխէն հանելով Մահմուտին գլուխը դնել  (ՏՅՈ. Ա. 232): Ասպահանի առումը նշանակուած է ժամանակակից Ստեփանոսէ  յաւուր Պենտեկոստէի կիրակին (ՏՅՈ. Ա. 234), որ կը հանդիպի 1722 մայիս 13-ին, եւ այդ ամսաթիւը կը նախադասենք օտարազգիներէ նշանակուած հոկտեմբեր 12 ամսաթիւին, որոնք 600, 000 անձանց կոտորած ալ կը յիշեն  (ՏՅՈ. Ա. 235): Ստոյգ է որ քանի մը ուրբաթներ մասնաւոր  տաճկազէնընել տուած է Մահմուտ Պարսիկներու վրայ, բայց ընդհանուր ջարդ եղած չէ: Իսկ Ջուղայեցիք թէպէտ կոտորածէ զերծ մնացին, սակայն Աֆղաններուն հարստահարութիւններէն չˇազատեցան, որոնք շարունակ  զդրամս, զկերակուրս, զգինի եւ զօղի եւ զայլ բազում ինչսպահանջէին: Պարսիկներուն թշնամութիւնն ալ գրգռուած էր վրանին, իբր թէ  Հայք համախոհք ընդ Աֆղանից լինելով` հասուցին զմեծամեծ վնասս երկրին Պարսից, եւ նոյնիսկ Լղվորեանցի ձեռօք պայմանաւորեալ տուգանքին վճարումն ալ նորանոր նեղութեանց առիթ ընծայեց, եւ  հնգեսին անմեղացն Հայոցնահատակութեան պատճառ եղաւ  (ՏՅՈ. Ա. 240): Յիշեալ հինգերը Ջուղայի գլխաւորներէն էին, եւ կը կոչուին  ալստեան որդի Խաչիկի երեսնամեայ, Մանուկ որդի խօճա Մելքումի` որ 9 ամիս ալ չարչարանք կրեց, Սարհաթ Խալդարեան որդի  րիգորի` որ նոյնպէս առաջ  ի ձեռն դահճի չարչարի, Փանոս կրտսեր որդի Խօջամալի, եւ Յարութիւն որդի բժիշկ Մինասի: Հինգին ալ գերեզմանները կը տեսնուէին Ջուղայի եկեղեցիներուն մէջ  (ՏՅՈ. Ա. 229-231), եւ թուականը ամէնուն ալ 1722 տարին է, իսկ ամսաթիւերը Ջուղայեցւոց տոմարով ցուցուած են. Փանոս` նախա 1-ին = յունիս 19-ին, Յարութիւն` նախա 24-ին = յուլիս 12-ին, Մանուկ եւ Սարհաթ դամա 18-ին = հոկտեմբեր 17-ին, իսկ  ալստանին ամսաթիւը յիշուած չէ: Ասոնց տապանագիրներու վրայ իբրեւ  նահատակյիշատակուիլը կը ցուցնէ, թէ կրօնափոխութեան պայման ալ առաջարկուած է կեանքերնին ազատելու համար:

1931. ՀԱՅԵՐՈՒՆ ԻՂ+aԵՐԸ

Մահմուտի յաղթութեամբ եւ Պարսից թագաւոր հռչակուելովը խաղաղութիւն չհաստատուեցաւ: Թահմասպ կամ Թահմազ, Հիւսէյինի որդին, հօրը գերութիւնն ու հրաժարիլը լսելուն, զինքն թագաւոր հռչակեց Մազանդարանի մէջ` ուր կը գտնուէր, եւ Ատրպատական անցաւ, Թավրէզի մէջ կեդրոնանալով Մահմուտի վրայ քալելու համար: Այն տեղ անգամ մըն ալ Պարսիկներ Հայերու դէմ գրգռուելով Թահմազը համոզած էին Հայերը կոտորել, իբրեւ Աֆղաններու օգնողներ, եթէ իր մտերիմն եղող Յովհաննէս  ժամակազմկամ ժամագործ, Թահմազին դիմելով կոտորածին առջեւը չ՚առնէր: Միայն թէ Թահմազ  արբեցութեան տուեալ էր զանձն, եւ լուրջ ձեռնարկ մը չկրցաւ կարգադրել: Ինքն աստեւանդ կը դեգերէր աւելի իրեններուն ծանրանալով, ինչպէս Աստապատի մէջ հայազգի իշխանաւոր Աստուածատուրին, եւ Նախիջեւանի մէջ Հայոց կաթողիկոս Աստուածատուրին վրայ  (ՉԱՄ . 782), իսկ երկիրը անտէրունջ խռովութեանց մատնուած էր: Պատեհը շատ յաջող երեւցաւ Օսմանցոց` Պարսիկներուն վրայ զօրանալու եւ անոնցմէ մաս մը գաւառներ գրաւելու: Շիրվանի Սիւննի մահմետականներն ալ Լեզգիններուն արշաւաքներէն նեղուած  ( Ճ1929), Շիի Պարսիկներուն անհամակիր, Օսմանցոց դիմեր եւ զանոնք հրաւիրեր էին: Սուլտան Ահմէտ . հրամանով եւ եպարքոս Տամատ Իպրահիմ փաշայի նախաձեռնութեամբ, Տավութ խան այն կողմերու զօրավար եւ կուսակալ նշանակուեցաւ, եւ Պարսից տէրութեան յապաւումները սկսան  (ԺՈՒ. 330): Երբ Սիւննի մահմետականներ Օսմանցոց կը դիմէին, Հայեր ալ Ռուսներուն դիմելու սկսած էին: Ասպահանի Աֆղաններէ գրաւուելէն քիչ ետքը, 1722 դեկտեմբեր 20-ին, Մինաս Փէրվազեան, Հաղբատու առաջնորդ եւ Վրաստանի արքեպիսկոպոս, ընդարձակ գրութեամբ մը Մինաս Տիգրանեան արքեպիսկոպոսին կը դիմէր, որ Պետրոս ձարը համոզէ Հայաստան արշաւել Շուտով եւ փութով զթագաւորն Շամախի հասուր, կը գրէր միայն նորա անունն լինի, եւ ոտին տեղն հասնի, հարիւր հազար Հայ ազգ զինուորք առ ոտս նորա կու գամք: Կը յաւելուր եւս, որ եթէ  մինչ ի մարտի ամիսն եկիք ոչ, զմեր ազգն բնաջինջ կ՚անեն, Խզըլպաշն կու զօրանայ, զմեզ ազգն կու փչացնէ, եւ անհրաժեշտ կը նկատէ որ  Երեւան ձեռք բերեմք: Արցախեցոց նախապատրաստութեանց եւ ձեռնարկութեանց ալ ակնարկելով յոյս կու տար, եւ կ՚ըսէր Ղարապաղումն եւ Խափանու յերկիրն միաբանեալ Հայքնքաջութեամբ կը կռուին բայց գլուխ եւ տէր չունին, Աստուած առաջնորդէ որ թագաւորն Շամախի հասնի (ԵԶՆ. 337): Տիգրանեան անհետեւանք չթողուց Փէրվազեանի նամակը, ինչպէս իր գրութիւնները կը վկայեն, եւ ահա Եսայի կաթողիկոսն ալ 1723-ին սկիզբները ուղղակի Պետրոսի կը գրէր, որ փութայ գալ իր բանակով, եւ մինչեւ որ ինքն հասնի այն չորս մարդկանց, զորս յիշեցինք ( Ճ1929), յատուկ յատուկ իռազամ գրեալ եւ կնքեալշնորհէ, որով կ՚ըսէ, մեք ի զօրութենէդ քումմէ առնումք զօրութիւն, կապեմք զրահ եւ մենամարտեմք թշնամւոյն (ԵԶՆ. 341): Խաչէնի հակաթոռ Ներսէսն ալ նմանօրինակ գիր կը գրէր 1723 մարտի առաջին օրը  (ԵԶՆ. 344): Պետրոս ձար արդէն հանդարտած էր ուրիշ պատերազմներէն, առիթը յարմար էր, հրաւէրներն ալ նպաստաւոր էին, պէտք չէր ալ ասպարէզը Օսմանցոց թողուլ. ուստի 1723 մայիս 3-ին, Հայոց բարեկամական յայտարարութիւն մը ուղղելով  (ԵԶՆ. 353), Ռուս բանակովը կը յառաջանար, հետզհետէ կը գրաւէր Թէրէք եւ Տէրպէնտ եւ Բաքու. բայց իրեն ետ դառնալէն ետքը Ռուսներ չտարածուեցան դէպի Կիլան եւ Մազանդարան: Այսպէսով Պարսկաստանի ներքին խռովութեանց վրայ արտաքին արշաւանքներն ալ աւելցան, մինչ ինքզինքնին Պարսից շահ անուանողներ, Մահմուտ եւ Թահմազ, աւելի իրարու` քան թէ օտարին դէմ կռուելու կը նայէին

1932. ՕՍՄԱՆՑԻՆԵՐԵՒ ՌՈՒՍԵՐ

Երկու տէրութեանց միանգամայն Պարսկաստանի վրայ յարձակիլը, երկուքին մէջ մրցումի եւ թշնամութեան վտանգ կը սպառնար, սակայն գործը դիւանագիտական բանակցութեանց ենթարկուեցաւ, եւ Տամատ Իպրահիմ եպարքոս ու Նէբլույէֆ ռուսական դեսպան կրցան համաձայնութեան հասնիլ աղղիական դեսպան Պօննաք մարքիզին (Jean-Louis d'Usson, marquis de Bonnac) միջամտութեամբ: Որոշուեցաւ որ երկու տէրութիւններ, որոշեալ չափով եւ սահմանով գաւառներ իւրացնեն, եւ Թահմազի ալ` իբր օրինաւոր ժառանգի թագաւորութեան սահման մը թողուի, պայմանով որ մնացածէն հրաժարի, իսկ եթէ դժկամակի այդ պայմանը ընդունիլ, պայմանին հաւանող իշխան մը` թագաւոր անուանուի: Այդ պայմանագիրը կնքուեցաւ 1724 յունիս 13-24-ին, եւ Պետրոս ձար զայն վաւերացուց 1725 յունուարին, եւ Կ. Պոլիս բերուեցաւ յատուկ պատգամաւորի միջոցաւ  (ԺՈՒ. 330): Սակայն 1725 յունուար 18-28-ին Պետրոս կը մեռնէր 53 տարեկան, չարաչար աշխատանքներու եւ անողոք հիւանդութեանց երեսէն, եւ կայսրութեան կը յաջորդէր Կատարինէ Ա. իր այրին  (ՇՕԲ. 243), որ պայմանդիրը կը հաստատէր: Այդ դաշնագիրով Տէրպէնտ, Բաքու, Կիլան, Մազանդարան եւ Աստարապատ Ռուսիոյ, իսկ Երեւան եւ Թավրիզ իրենց նահանգներով կը մնային Օսմանցոց  (ՇՕԲ. 289), որոնք իրենց թողուած մասերուն տիրապետութեանը հետեւելով, Երեւան քաղաքը գրաւած էին 1714-ին, եւ հետզհետէ գրաւեցին Քարապաղ, Մարաղա, Ուրմիա, Մուղան, եւ վերջապէս 1725 յուլիս 21-ին Թավրէզ ալ իրենց անձնատուր կ՚ըլլար  (ԺՈՒ. 331): Իրաւ խնդրոյն լուծում կը տրուէր, բայց ոչ Հայոց բաղձացած եւ դիտած կերպով. անոնք քրիստոնեայ տիրապետի իշխանութեան ներքեւ մտնել կ՚ուզէին, մինչ այժմ մէկ մահմետականէն միւս մահմետականին իշխանութեան ներքեւ կ՚անցնէին, զի Արցախ եւ Երեւան եւ Ատրպատական, որ աւելի հայաշատ նահանգներն էին, Օսմանեան տիրապետութեան կը տրուէին: Այդ միտքով մէլիքներէն ինը գլխաւորներ 1724 հոկտեմբեր 18-ին, տակաւին դաշնագիրը չվաւերացուած, Պետրոսի կը դիմէին, թէ  Թուրքաց թագաւորի զօրքն եկն էառ Թարվէզ, Նախջուան, Երեւան, Թիֆլիս, Պօրչալու, Ղազախ, ուստի կ՚աղաչեն որվասն Քրիստոսի սիրոյն եւսուրբ Խաչի խաթերն մեզ օգնութեան հասանիս, եւ զմեզ քո խնամոց ներքեւ պահես (ԵԶՆ. 381): Սակայն Պետրոս նոյեմբեր 10-ին դաշնագիրը վաւերացնելուն առթիւ պատասխան կու տայ, որ եթէ Օսմանցոց իշխանութեան ներքեւ չեն ուզեր մնալ, Ռուսական բաժին գաղթեն, եւ Կիլան, Մազանդարան, Բաքու, եւ  այլ ինչ տեղ որ իրենց ընդունելի լինի, իրենց բնակութեան տեղ պիտի տրուի  (ԵԶՆ. 393), եւ ըստ այսմ ալ կը հրամայէր այն կողմերու կուսակալին նոյն նոյեմբեր 10-ի պաշտօնագիրով (ԵԶՆ. 395): Արեւելեան գաւառներու մէջ եւ Էջմիածինի շուրջը կատարուած եղելութիւնները, մեզ հասուցին մինչեւ 1725 տարին, որ Աստուածատուր կաթողիկոսի մահուան թուականն է, եւ այս շրջանը չփակած, պէտք է որ վերջին տարիներուն մէջ ուրիշ կողմեր կատարուած գործերն ու դիպուածները քաղենք, պատմական ժամանակագրութիւնը պահելու համար

1933. ՇՂԹԱՅԱԿԻՐՅԵՐՈՒՍԱՂԷՄ

Ցորչափ  րիգոր Շղթայակիր Կ. Պոլիս կը մնար, Յովհաննէս Կոլոտի գործունէութիւնն ալ գլխաւորապէս Երուսաղէմի պարտքերուն եւ պէտքերուն շուրջը կը դառնար  ( Ճ1927): Արդէն գրեցինք, թէ Կ. Պոլսոյ եւ գաւառներու մէջ բացուած հանգանակութիւնները այնչափ ինչ արտադրած էին, որ թէ պարտքերը վճարելու կը բաւէին, եւ թէ նորոգութիւններ ընելու ու նոր կալուածներ գնելու կը նպաստէին, ուստի այլեւս Շղթայակիրին Կ. Պոլիս մնալը անհրաժեշտ չէր, եւ պէտք էր որ աթոռին ներքին եւ արտաքին բարեկարգութեան ձեռնարկէր տեղւոյն վրայ աշխատելով: Շղթայակիրին Կ. Պոլսէ մեկնելու ամսաթիւը ճշդուած չէ, բայց մերձաւորաբար պէտք է դնել 1720 ամառուան մէջ, զի յանկարծ կը տեսնենք զայն Բերիա հասած, ուր հոգետունըկրկին շքեղազարդեաց եւ բազում միւլքեր էառ վասն սրբոյն Սաղիմայ: Իսկ 1721 փետրուար 12-ին Երուսաղէմ կը մտնէ մեծաւ փառօք եւ շքեղութեամբ, իրեն հետ ունենալով  բազում տէրունական ուխտաւորք (ՀՆՆ. 148): Հնար չէ ըսել որ Կ. Պոլիսէ Բերիա անգործ եւ ապարդիւն անցած ըլլայ Շղթայակիրը` սուրհանդակի ոճով, եւ պէտք է ընդունիլ թէ հետզհետէ ճամբուն վրայ եղող քաղաքները հանդիպելով, նպաստներ արդիւնաւորած է յօգուտ Երուսաղէմի րիգոր Շղթայակիրի` իր աթոռը հասնելէն ետքը առաջին հինգ տարիներու մէջ ցուցուցած գործունէութիւնը կրնանք նկատել իբր Երուսաղէմի կատարեալ վերակենդանութիւն, որուն մանրամասնութիւնները մեր պատմութեան շրջանէն դուրս կը մնան: Նա բոլոր պարտքերը վճարելով զձեռագիր մուրհակս պատառեալ դնէր ի գանձարան, եւ այս կերպով բոլոր  գրաւ եդեալ իրացնազատութիւնը կը հոգար, ոչ միայն շարժական կարասիները եւ սուրբ սպասները, այլեւ անշարժ կալուածներ ալ, ինչպէսՅոպպէու մաղազայս, Ռէմլէու տունս, եւ զպարտէզս եւ զտներս ի մէջ սրբոյ քաղաքի (ՀՆՆ. 151): Այդ բոլոր գործողութեանց մէջ Շղթայակիրին օգնականներուն կարգին առաջին տեղը կը գրաւէ Յովհաննէս Երուսաղիմացի կամ Հաննա վարդապետ փոխանորդը. բայց յիշատակութեան արժանի են նաեւ Դաւիթ Սպարկերտցի լուսարար եւ Յակոբ Ուռհայեցի վերակացու վարդապետները  (ԱՍՏ. Բ. 7): Նշանաւոր նորոգութիւններ ալ կատարուեցան Ս. Յակոբայ մայրավանքին տաճարին մէջ` զորս մանրամասնօրէն կը յիշէ Հաննա  (ՀՆՆ. 153), եւ վերջապէս 1725-ին կ՚աւարտին Յոպպէի վանքին ու եկեղեցւոյն շինութիւնները, որպիսիներ Շղթայակիրին ամբողջ կեանքին մէջ շարունակեցին: Իսկ ներքին բարեկարգութեանց մասին բաւական ըլլայ յիշատակել Շղթայակիրի յատուկ ջանքերը  ի կարգաւորել զամենայն միաբան եղբարս, զստահակս ի նոցանէ սիրով խրատելով, եւ զկատարեալսն ըստ արժանւոյն պատուելով (ՀՆՆ. 151):

1934. ԿՈԼՈՏԻ +aԵՌՆԱՐԿՆԵՐԸ

Մինչեւ 1725 հասնող հնգամեային մէջ Յովհաննէս Կոլոտ պատրիարքին գործունէութեան ալ մէկ մասը նորէն Երուսաղէմի նուիրուած էր, շարունակելով անոր օգտին բացուած հանգանակութիւնները, եւ մանաւանդ քաջալերելով կարող եւ բարեպաշտ դասակարգին ուխտագնացութիւնը: Կոլոտի այդ մասին ստացած յաջողութեան կարգին պիտի յիշենք Երուսաղէմի Ս. Յարութիւն տաճարին նորոգութեանց համար պետական արտօնութիւնը: Առաջին քայլը  աղղիական Պօննաք դեսպանն էր առած, արտօնութիւնը ստանալով Լատինացւոց մասին համար  (ԺՈՒ. 329), որուն հետեւեցան Յոյներ եւ  ել հրաման յարքունուստ այլոց ազգաց քրիստոնէից, այսինքն Յունաց եւ Լատինացւոց, իսկ Հայոց մասին համար բան մը ըսուած չէր: Կոլոտ յաջողեցաւ յատուկ հրամանագիր ստանալ, որով կարենար կատարուիլ  նորոգութիւնն բաժնի ազգիս մերոյ (ՀՆՆ. 146), եւ գործին ձեռնարկեց Հաննա` դեռ Շղթայակիրը չհասած: Կոլոտ մայրաքաղաքի եկեղեցիներուն վրայ ալ յատուկ մտադրութիւն դարձուց, եւ հրկիզեալ մայրեկեղեցւոյն շինութենէն ետքը  ( Ճ1929), ձեռք զարկաւ Սամաթիոյ Ս էորգ, եւ Օրթաքէոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցիներուն: Բայց Կ. Պոլսոյ պատրիարք եղողին ժառանգական աշխատութիւնը` կաթոլիկական կուսակցութեան խնդիրն էր, որ գայթակղութիւն եղած էր եւ էր եւ պիտի ըլլար տակաւին Հայութեան ծոցը: Կոլոտ ոչ բուռն ընդդիմացող մըն էր Եփրեմի եւ Աւետիքի տեսակէն, եւ ոչ անձնական շահու տեսակէտէն զիջանող մը  ալուստի եւ Մարտիրոսի նման: Նա կ՚ընդունէր թէ լաւ բաներ կը գտնուին օտար եկեղեցեաց մօտ, մանաւանդ բարեկարգութեան եւ կարգապահութեան տեսակէտէն, զորս իւրացնել չէր խղճեր  (ԿՈԼ. 58): Բայց այս պատճառով չէր զիջաներ երբեք հայադաւանութեան սկզբունքէն շեղիլ, եւ կը յուսար որ քաղցր կերպեր եւ համոզիչ միջոցներ պիտի կարենան համաձայնութիւն գոյացնել: Ուստի սկսաւ կաթոլիկական կուսակցութեան գլխաւորները իրեն մօտ հրաւիրել, անոնց ցուցնել իրենց օտարասիրութեան վտանգները, պետական շրջանակներուն կասկածները, յառաջ եկած եւ տակաւին հաւանական երեւցող հետեւանքները, որոնք ամէնքը հետեւանք էին իրենց ազգային ուղղափառ եկեղեցին անարգելուն, եւ օտարադաւան եկեղեցիներ յաճախելուն: Իբրեւ առաջին գործնական քայլ կ՚առաջարկէր զի գոնէ յաւուրս տօնից եւ կիրակէից մի' անց արասցեն գալ յեկեղեցիս Հայոց: Խոհական պատրիարքին իմաստուն խորհուրդները իրենց արդիւնքն ունեցան, զի հռոմէականներ ալ կը պատմեն թէ  ազգայինք խոստացան յանձն առնուլ զխնդիր պատրիարքին, ինչ որ խափանած կ՚ըլլայ դժպհի պատահարները: Սակայն կաթոլիկացեալներուն իսկապէս թշնամիները, զորս  քահանայք իւրեանցկը կոչէ հռոմէական պատմագրողը, այսինքն են Լատին եպիսկոպոսը, Լատին աբեղաներ, Լատինաց մօտ կրթուած Հայազգիներ, եւ Լատինէ շահուած եկեղեցականներ չէին համակերպիր, եւ ազգայիններ  արգելեալ լինէին կատարել զխոստումն (ՉԱՄ . 776): Կ՚արժէ անգամ մըն ալ դիտել տալ, թէ որոflնք էին թշնամութեանց եւ հակառակութեանց եւ հալածանաց բուն սկզբնապատճառները: Կոլոտ իր խոհականութեամբ տակաւին  սպասէր տեսանել զկատարածնանհամաձայնութեանց, որոնք նոյնիսկ կաթոլիկամիտ կուսակցութեան ծոցը կը յուզուէին: Երբ իր խոհականութիւնը տկարութիւն կարծուելով, իրեն դէմ կը գրգռուէր նախանձայոյզ կողմը, նա նորէն կը յորդորէր սպասել`  մինչեւ գտցուք ասէ` ելս իրացդ առանց վրդովման ազգիս: Յատուկ պատուիրակ մըն ալ կը յղէր Լատին եպիսկոպոսին որ զսպէ իրեններուն կրօնամոլ ընթացքը, բայց այդ միջոցն ալ անօգուտ կը դառնար  (ՉԱՄ . 776):

1935. ԿՈԼՈՏԻ ԳՈՐԾԵՐԸ

Սակայն երկայնամտութիւնն ալ իրեն չափն ունի, եւ Կոլոտ ալ ստիպուեցաւ յայտարարել, թէ  լցաւ արդ չափ ժամանակի: Երբ տեսաւ որ իր խոհականութիւնը գայթակղութեան առիթ պիտի ըլլար, եւ ինքն ալ պարտաւոր պիտի սեպուէր կառավարութեան աչքին, իբր օտարներու ձեռնտու եւ օտարասիրութեան հովանաւոր. երբ տեսաւ, կ՚ըսենք, որ օտարամիտներէնոչ ոք է որ լսէ նմա, եւ իրենները խմբովին  բռնադատէին զնա յոյժ, հարկադրուեցաւ պէտք եղած բացատրութիւնը տալ կառավարութեան, թէ կաթոլիկութեան հետամուտ եղողներ ունին  իւրեանց ի ծածուկ առաջնորդ յազգէ Ֆրանկաց, եւ մերժեն զհրամանս իմ, եւ նմա հնազանդին: Այդ հիմամբ կառավարութիւնը հրամայեց այդ կուսակցութիւնը զսպել եւ ջնջել, գլխաւորները ստիպել եւ պատժել, մինչեւ իսկ ոստիկանական հսկողութիւն հրամայեց Լատին եկեղեցիներուն դուռները, հոն մտնողները քննելու, եւ գաւառներն ալ շրջաբերականով հրաման տուաւ կուսակալներուն` միեւնոյն զգուշաւորութիւնը ձեռք առնելու  (ՉԱՄ . 776): Այդ եղելութեանց թուական կը ցուցուի 1720 տարին, որ է ըսել Շղթայակիրին Կ. Պոլիսէ մեկնելու միջոցին, երբ ազգը Երուսաղէմի տագնապալից խնդիրէն շունչ առնելով, կրցաւ իր ներքին գործերուն մտադրութիւն դարձնել: Ժամանակակից յիշատակներ Կ. Պոլսոյ մէջէն հալածուածներու կամ բանտարկուածներու կամ պատժուածներու անուններ յառաջ չեն բերեր, եւ մեր կարծիքով ասիկա կը ցուցնէ թէ Կոլոտ խստութեամբ չմղեց պետական հրամաններուն գործադրութիւնը մայրաքաղաքին մէջ, եւ այդ պարագային ալ գործնական կերպով փայլեցուց իր ամոքիչ եւ խոհական ընթացքը: Հռոմէականք քանի մը եկեղեցականներու անուններ յառաջ կը բերեն, իբր այդ առթիւ բանտարկուած  (ՉԱՄ . 777), բայց ամէնքն ալ գաւառներու կը պատկանին, եւ անոնց մէջ ալ տանջուածի կամ պատժապարտի յիշատակ չկայ, եւ բոլորն ալ աւելի կամ նուազ տուգանքով ազատուած են: Վեց նշանաւոր Բերիացիք իբր թիապարտ Կ. Պոլիս բերուելով, 4 օրէն տուգանքով մը թողուած են: Քսանըվեց Կարնեցիք 2000 դահեկանով, եւ իբր հարիւր Կարնեցիք ալ 2500 դահեկանով ազատած կ՚ըսուին: Երեք Կարնեցի քահանաներու վրայ աւելի խստութիւն ցուցուեր է, բայց վերջապէս անոնք ալ դրամով թողուեր են: Երկու հարիւր իննսունուվեց Բասենցիներու նեղութիւն տրուեր է, մինչեւ որ 1200 դահեկան վճարեն: Երկու Եւդոկիացի քահանաներու համար 1500 դահեկան վճարել հարկ եղեր է: Նմանօրինակ եղելութիւններ կրկնուեր են Անկիւրիա, Ամիդ, Երզնկա, Բաբերդ եւ ուրիշ քաղաքներ, որոնք կը ցուցնեն թէ եպարքոսական հրամանը առիթ ընծայեր է կուսակալներուն քիչ մը դրամ շորթելու, որովհետեւ տուգանքի ենթարկուողներուն մէջ, ինչպէս ի Կարին, կաթոլիկութեան միտեալ չեղողներ ալ եղեր են: Պահ մը ձերբակալութիւններ եւ տուգանքներ թուլցեր են, երբ կաթոլիկութեան միտեալներուն գլխաւորներ, այլեւս լատինական թելադրութիւններուն չ՚անսալու եւ օտարներու չհպատակելու համար կառավարութեան առջեւ յանձնառու եղեր են: Բայց Լատին եկեղեցականներուն սադրանքները նորէն միտքերը կը պղտորեն, եւ պատրիարքարանի դէմ գրգռուելու առիթներ կը ստեղծեն, որով 1723-ին սկիզբները նորէն մասնաւոր խստութիւններ տեղի կ՚ունենան  (ՉԱՄ . 779): Ինչ ալ ըլլայ յառաջ բերուած պարագաներուն իսկութիւնը, յայտնի կերպով կը տեսնուին, մէկ կողմէն Կոլոտ պատրիարքին խոհական չափաւորութիւնը, եւ միւս կողմէն Լատին եւ լատինամիտ եկեղեցականներուն մոլեռանդ ջանքը, եւ նոյնիսկ իրենց հետեւողներուն վնասելու չափ առաջ նետուիլը

1936. ՄԽԻԹԱՐԻ ՎԵՆԵՏԻԿ

Մխիթար Սեբաստացի վարդապետը, արդէն հռոմէականութեան հպատակած եւ աբբահայր կոչուած, Մեթոնի մէջ կը գտնուէր համեմատաբար խաղաղիկ վանականութեան մը գլուխը ( Ճ1893), որ տակաւին ուսումնականութեան հետեւող մարմին մը չէր կրնար ըսուիլ, քանի որ այդ նպատակին չէին նպաստեր ոչ Պեղոպոնէսի միջավայրը, եւ ոչ ալ իր հետեւողներուն յառաջացեալ տարիքը  (ՄԽԻ. 250): Բայց այդ պիտի չ՚ըլլար Մխիթարի վերջնական դադարը, եւ անգամ մը դէպի Արեւմուտք քայլերը ուղղած, պիտի մղուէր մինչեւ անոնց կեդրոնը: Օսմանեան բանակին արշաւանքին առաջին շռինդը շարժման մէջ դրաւ Մխիթարը, որ Օսմանեան երկրէն փախստական` չէր կրնար Օսմանցոց պաշտպանութեան վստահիլ: Առաջին գործն եղաւ իրեն հետ եղող ինը դպիրները քահանայ օծել տալ Լատին եպիսկոպոսի ձեռնադրութեամբ 1714 դեկտեմբերին  (ՄԽԻ. 256), եւ ետքէն Վենետիկեան կուսակալին հետ բանակցիլ Վենետիկ փոխադրուելու միջոցներուն վրայ: Իրեններէն վեցը` Ղազար Ակնեցի փոխարքայի գլլխաւորութեամբ Մեթոն թողլով ինքն տասնումէկ ընկերներով 1715 մարտ 1-ին Մեթոնէ կը մեկնի` տակաւին Օսմանեան արշաւանքը չսկսած  ( Ճ1922), եւ ծովագնաց ճանապարհորդութեամբ ապրիլի սկիզբը Վենետիկ կը հասնի, եւ արգելարանի քառասնօրեան լրացնելով մայիսի կէսին քաղաք կը մտնէ, եւ յատուկ վարձուած տուն մը կը հաստատուի  (ՄԽԻ. 272): Վենետիկ շատոնց Հայ գաղթականութիւն մը ունէր` որուն գլուխը կը գտնուէր այն ատեն Խաչատուր Կարնեցի վարդապետը, նա ալ Կ. Պոլիսէ փախստական: Վենետիկ 1512-է սկսելով հայերէն տպագրութեանց տեղը եղած էր ընդհատ շարունակութեամբ. ուսումնական զարգացման միջոցները ունէր առատապէս` դարուն պահանջին համեմատ, Արեւելքի հետ յարաբերութեանց գլխաւոր կեդրոնն էր, եւ օտարներն ընդունելու եւ պաշտպանելու աւանդական զգացում մը կը տիրէր: Վենետիկ ուրեմն լաւագոյն միջավայրն էր, ուր ուսումնական զարգացման հետամուտ Արեւելցի մը, եւ իր ազգին համար աշխատելու մտադիր Հայազգի մը, կրնար ամէն դիւրութիւններ գտնել իր նպատակին հետեւելու համար: Եթէ Մխիթարի ձեռնարկը այդ ճիւղին վրայ ամփոփենք, պէտք է ըսել, թէ այդ տեղափոխութեամբ իսկապէս նա իր նպատակին ծառայած կ՚ըլլար, եւ այդ վայրկեանէն Մխիթարի ուսումնական ձեռնարկը տիրապէս իր հիման վրայ կը հաստատուէր: Կ. Պոլիսէ եւ Զմիւռնիայէ փախուստներու ատեն, Մխիթար վարանոտ եւ անորոշ էր տակաւին, իսկ Մեթոնի մէջ հաստատուիլը կարծես թէ իր նպատակին ուրացումն էր: Միւս կողմէն Արեւմտեան գետնին վրայ, եւ Լատին կրօնամոլութեան շրջանակին մէջ, հնար չէր անկախ դիրքով մը տեղական յարաբերութեանց հետ շփուիլ եւ անոնցմէ օգտուիլ, եւ պէտք էր ըստ ամենայնի անոնց համակերպիլ, եւ Մխիթար` որ Մեթոնի մէկ լոկ անձնական պաշտպանութեան համար հռոմէականութեան հպատակած էր, այստեղ տեղական եկեղեցականութեան տարազն ալ ստանձնելով, եւ  զգեստներու, կօշիկներու եւ գլխարկներու նիւթն ու ձեւը անոնց նմանցնելով (ՄԽԻ. 275), ստիպողական պայման մը կը կատարէր, որուն արդարացումը միայն ուսումնական զարգացման փաստին վրայ կը կայանայ: Մեթոն մնացած եօթներէն մին հոն վախճանած էր, երկուքը պաշարումէն առաջ հեռացած, եւ չորսը Տաճկաց ձեռքը գերի իյնալով, Հայերու կողմէն փրկանքով ազատուած էին, եւ իրենցներուն միացած: Մխիթարի եւ ընկերներուն վիճակը Վենետիկի մէջ լաւ էր շնորհիւ այն արգահատանքին, զոր Պեղոպոնէսի արկածեալ Հայազգիները կը ներշնչէին ոչ միայն իրենց համազգիներուն, այլ աւելի օտարազգիներուն, որոնք ամէն կերպով կը փութային անոնց պէտքերը հայթայթել

1937. ՍՈՒՐԲ ՂԱԶԱՐՎԱՆՔԸ

Բայց գլխաւոր պէտքը հաստատուն բնակավայր մըն էր, վանական միաբանութեան եւ ուսումնական աշխատութեան յարմար տեղ մը, ուր կարենային ամփոփուիլ Մեթոնի փախստականները, եւ կարենային աշակերտութիւն եւ յաջորդութիւն կազմել, եւ տեւողական հաստատութեան ձեւն առնել: Այդ բանը մասնաւորներու ձեռքով ըլլալու գործ չէր, Վենետկեան հանրապետութեան իշխանութիւնը պէտք էր` որ թէ տեղը տար եւ թէ պետական հաստատութիւնը շնորհէր: Երկու տարիէ աւելի պէտք եղաւ որ այդ կնճիռը լուծուէր. ոչ միայն յարմար տեղ մը գտնուէր, այլեւ պետական օրէնքը յարգուէր, որ կ՚արգելէր քաղաքին մէջ նոր վանական հաստատութիւն մը աւելցնել: Վենետիկէ չհեռանալու նպատակով, ստիպողական համակերպութիւն գոյացուեցաւ քաղաքին շրջափակէն դուրս գտնուող կղզիներուն մէջ քաշուիլ, եւ անոնց մէջ տրամադրելի եւ յարմարագոյն երեւցաւ Սուրբ Ղազար (San Lazzaro) անունը կրող փոքրկագոյն կղզեակ մը, քաղաքէն նուազ հեռի, քան ուրիշ կղզեակներ: Այդ կղզեակը 810-էն առաջ անբնակ նկատուած, այն տարին տրուած էր Բենեդիկտեան կրօնաւորներու, որոնք վերջապէս զայն լքած էին շատ մը անյարմարութեանց համար, եւ 1182-ին նուիրած էին Լեւոն Բաօլինի (Leone Paolini) ազնուականի մը, որ մէջը եկեղեցի մը եւ ուրկանոց մը կը հաստատէր բորոտներու համար: Այդ առթիւ է որ կղզեակը Սուրբ Ղազար անունը կը ստանայ, աղքատ եւ բորոտ Ղազարոսին աւետարանական առակէն  (ՂԿՍ. ԺԶ. 19), որ Լատիններէն գոյութիւն ունեցող անձ մը եւ սուրբ մը նկատուած է, եւ Պաղեստինի Հիւրընկալ ասպետներուն ալ իր անունը տուած է: Չորս դար ետքը, երբոր բորոտներ նուազեցան, մուրացիկներու բնակութեան յատկացուեցաւ, եւ 1660-ին Կրետէէ փախչող Դոմինիկեաններուն տրուեցաւ, որոնք այլուր փոխադրուելէ ետքն ալ իրենց ձեռքը պահած էին զայն, գրեթէ ամայի վիճակի մէջ: Այդ կղզին է որ շատ մը օրինական քննութեանց եւ պայմանագրութեանց ենթարկուելէ ետքը 1717 օգոստոս 26-ի վճռով Վենետկոյ ծերակոյտէն շնորհուեցաւ Մխիթարի  մշտնջենաւոր բնակութեան, օրական պատարագի մը մատուցման, եւ տարեկան ութը լիտր մոմի նուիրման պայմանով` յօգուտ Դոմինիկեանց  (ՄԽԻ. 298): Մխիթար իրեններով ստացութեան կը մտնէր 1717 սեպտեմբեր 8-ին  (ՄԽԻ. 301), եւ պէտք եղած նորոգութիւնները կատարելով բնակութիւնն ալ հոն կը փոխադրէր 1718 ապրիլին վերջը  (ՄԽԻ. 303): Այս է Սուրբ Ղազարի վանքին համեստ սկզբնաւորութիւնը, որ հետզհետէ նորոգութիւններով եւ շինութիւններով վայելչացաւ, եւ ծանծաղուտները լեցնելով ընդարձակուեցաւ, բայց աւելի պայծառացաւ գրական արդիւնքներով:

1938. ՄԽԻԹԱՐԻ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆԸ

Մենք առիթ ունեցանք Մխիթար Սեբաստացին ցուցնել իբրեւ իր հայրենաւանդ եկեղեցւոյն սիրայար, բայց եւ ուսումնական զարգացման բուռն հետապնդող մը. որ եթէ առաջին կէտը երկրորդին կը զոհէր, բայց եւ ստէպստէպ դժուարին կացութեան մէջ կը գտնուէր, զի չէր կրնար առաջինին խիղճը արմատաքի սիրտէն քանցել: Այդ է պատճառը, որ Մխիթար յաճախ կը տեսնուի ինքն իրեն հակասող դիրքերու մէջ, մերթ իբր անկեղծ հռոմէադաւան գովուած, եւ մերթ իբր հայադաւան ամբաստանուած պապութեան առջեւ: Անդստին սկիզբէն` երբ 1717 սեպտեմբեր 20-ին Վենետիկ հաստատուելուն համար Հռոմի շնորհաւորութիւնները կ՚ընդունէր  (ՄԽԻ. 305), միւս կողմէն կ՚ամբաստանուէր թէ իրեններ ուղիղ հռոմէականութիւն չեն քարոզեր  (ՄԽԻ. 304). ուստի կը պարտաւորուէր քարոզութենէ ձեռք քաշել, եւ ինքն անձամբ Հռոմ երթալ իր անձը եւ իր միաբանները արդարացնելու համար: Սուրբ Ղազարի մէջ հաստատուելէն քիչ օր ետքը 1718 մայիս 7-ին Վենետիկէ կը մեկնէր, եւ յունիս 2-ին Հռոմ կը մտնէր: Դժուար չէր Հռոմի մէջ ուզուած արդարացումը պատրաստել բացարձակ համակերպութեամբ առաջարկուած պայմաններուն, եւ յօժարափոյթ արտայայտութիւններով յարգանաց եւ մեծարանաց, եւ Մխիթար զանց չ՚ըրաւ այդ միջոցները գործածել: Խնդրոյ գլխաւոր նիւթ մըն էր այն ատեն կաթոլիկութեան յարողներուն Հայոց եկեղեցին դիմելու կամ երթալու խնդիրը, որ մինչեւ հիմա տեղի ունեցած բոլոր եղելութեանց ալ սկզբնապատճառն էր: Հայ կաթոլիկներ յատուկ եկեղեցի չունէին, եւ Լատիններուն երթալը կառավարութեան կասկածներուն տեղի կու տար: Հայ կաթոլիկներ պատրիարքարան չունէին, եւ օրինական խորհրդակատարութիւններ` որոնք քաղաքական կամ կենցաղական նշանակութիւն ունէին ազգահամարի տեսակէտէն, ինչպէս են մկրտութիւն ու պսակ ու թաղում, իրենց կողմէ չէին կրնար կատարուիլ եւ Լատինաց դիմելով օտար հպատակութեան ձեւ կը ստանային: Ըստ այսմ անհրաժեշտ պահանջ մը կը դառնար, որ գոնէ այդ առիթներուն Հայոց եկեղեցին դիմեն անկաշկանդ: Լատիններ կ՚ընդդիմանային բացարձակապէս, իսկ կաթոլիկ Հայեր հարկին հպատակելու պատրաստ էին, եթէ խիղճերնին պղտորող չ՚ըլլար: Մխիթար եւ Խաչատուր պաշտպան կանգնեցան այդ միտքին, ինչպէս Մխիթարի վերագրեալ գրուածէն ալ կը տեսնուի  (ՄԽԻ. 320): Խնդիրը Հռոմի ատեանն ալ ելած էր, ուր զիջողութեան գաղափարը յաղթեց, անշուշտ կաթոլիկութեան հրապոյրը ընդարձակելու համար: Մխիթար յաջողութեամբ իր գործը վերջացնելով 1718 դեկտեմբեր 6-ին Հռոմէ մեկնեցաւ եւ 20-ին Վենետիկ հասաւ  (ՄԽԻ. 323): Իսկ խնդիրին պաշտօնական որոշումը 1719 յունուար 12-ին տրուեցաւ Հռոմի հաւատաքննութեան ատեանէն, թէ Հայոց եկեղեցիները երթալը կը ներուի զգուշանալով սուտ աղանդի, իրեն միտքով` հայադաւան եկեղեցւոյն յայտարար գործերէ, եւ գայթակղութեան եւ հաւատքէ խոտորելու առիթներէ (ՄԽԻ. 321): Հռոմէական դարձուածներու պաշտօնական արտայայտութիւն մը, որ եթէ մէկ կողմէ գործնական լուծում մը կու տայ, միւս կողմէ կը դատապարտէ նախընթացաբար իր Լատին քարոզիչներէն ցուցուած աններողութիւնը, եւ անոնք պատասխանատու կը կացուցանէ կաթոլիկութեան պատճառով կատարուած արկածներուն: Մխիթարի վանական հաստատութեան մասին այլեւս շատ ըսելիք չունինք, զի ըսուելիքները անոր շարունակական ընդարձակման եւ զարգացման կը պատկանին, եւ նոր եղելութիւններ չեն ներկայեր:

1939. ԱՆՏՈՆԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Հռոմէական կուսակցութեան ոյժ տուող ուրիշ ձեռնարկի մը վրայ ալ խօսեցանք իր կարգին  ( Ճ1894), որուն կեդրոնը դրուեցաւ Լիբանան լեռներու վրայ Մարոնիներու մէջ: Անոր հիմնարկուներն եղած էին չորս աշխարհիկ հոգեսէր անձեր, որ երբ ունեւորութիւննին իրենց նպատակին ծառայեցնել կը փափաքէին, ստիպուեցան հապճեպ փախուստով գործերնին լքանել: Այդ պարագան կը պատասխանէ անձակեցի պատրիարքին օրով տեղի ունեցած շարժումին, եւ Բերիոյ առաջնորդ Աբրահամ Արծիւեանի բանտարկութեան ( Ճ1920): Երբ պարագաները քիչ մը խաղաղացան, Մուրատեան եղբայրներ բարեդէպ առիթ սեպեցին Բերիոյ վաճառատան գործը վերջացնել, եւ իրենց ձեռնարկին նիւթական միջոցները հայթայթել: Այդ նպատակով Աբրահամ եւ Յովհաննէս Բերիա եկան որ կարգադրեն: Այնտեղ Ջահկեցի Ունիթորներէն  րիգոր Կիւլլէրեան աբեղային հանդիպելով, անոր կը յանձնեն Կղեմէս ԺԱ. պապին ուղղուած աղերսագիր մը 1718 թուականով, եւ  Մուրատի որդիք Աբրահամ, Յովհաննէս, Մինաս եւ Յակոբստորագրութեամբ, որով պապական օրհնութիւն, եւ իրենց ձեռնարկին հաստատութիւն, եւ Մարոնցոց ուղղուած յանձնարարագիր կը խնդրեն, որպէսզի անոնցմէ պարտուպատշաճ օժանդակութիւն գտնեն: Իրենց ձեռնարկը կը բացատրեն, ինչպէս ուրիշ տեղ ալ յիշեցինք  ( Ճ1894), ըսելով թէ կ՚ուզեն շինել  մին փոքրն անապատ, զի անդ բնակեսցին անապատաւորք քահանայք ի Հայոց ազգէն (ԱՆՏ. ), ինչ որ մինչեւ այն վայրկեան պարզ վանականութեան նպատակի վրայ մնալնին կը ցուցնէ: Մուրատեան եղբարց ուղղակի իրենց անունով դիմելը եւ ուրիշ որեւէ անձի անուն չտալը կը ցուցնէ, թէ ձեռնարկին բուն հեղինակները իրենք են եղած, եւ ոչ Բերիոյ առաջնորդը, որ այդ միջոցներուն բանտէ ազատած, բայց Բերիա դառնալ չհամարձակելով, Տրապիզոն եւ Եդեսիա կը թափառէր. իսկ Մուրատեան եղբայրներ, արդէն միաբանական կենաց սկզբնաւորութիւն ըրեր էին Աֆքարի մէջ  ( Ճ1894): Եթէ վերջէն Արծիւեան ինքզինքը իբր Անտոնեանց հիմնադիր ուզեց ցուցնել, պարզապէս վերջին պարագաներէ օգտուելով էր, որ համարձակեցաւ իւրացնել ուրիշներու ձեռնարկը  (ԴՒԹ. 101): Հռոմ ղրկուած նամակը Փրոփականտայի ժողովէն նկատողութեան կ՚առնուի 1719 յունիս 19-ին, եւ վերոյիշեալ Կիւլլէրեանէ եւ Հռոմ գտնուող Յովսէփ Ասսեմանի եւ  աբրիէլ Հավա Մարոնի վարդապետներէ ստացուած տեղեկութեանց վրայ, Փրոփականտան իր հաւանութիւնը կու տայ Մուրատեան եղբարց ձեռնարկին, աւելցնելով դպրոցի եւ ուսումնական նպատակի պայմանը: Որոշումին թուականն է 1720 մարտ 8, որ փութով կը հաղորդուի Մարոնի պատրիարքին: Այդ միջոցին Բերիա դարձած էր Աբրահամ Արծիւեանը, Եւդոկիոյ կուսակալին Բերիա փոխադրուելէն օգտուելով  (ԴՒԹ. 49), եւ առիթէն օգտուեցան Մուրատեանք ալ եկեղեցական աստիճան ստանալու. Յակոբ քահանայութեան եւ Աբրահամ սարկաւագութեան, իսկ Յովհաննէս վախճանած էր Բերիա, եւ Մինաս լոկ կրօնաւորութեամբը կը շատանար: Երեք մնացող եղբայրներուն վրայ չորրորդ ընկեր մը աւելցած էր` Անտոն Աստուածատուրեան Բերիացին: Պապին կողմէն Մարոնի պատրիարքին յղուած գիրը իրեն արդիւնքը ունեցաւ, զի 1721 յուլիսին Մարոնի պատրիարքին կոնդակով` պանդուխտ Հայեր արտօնուեցան կանոնաւոր վանք հիմնել Մարոնցիներէ շրջափակուած գաւառին մէջ, ուր Խազնեան իշխանական տոհմն ալ մարտ ամիսէն անդառնալի շնորհած էր վանաշինութեան գետինը  (ԱՆՏ. ):

1940. ԱՆՏՈՆԵԱՆՔ ԵՒ ԱՐԾԻՒԵԱՆ

Մուրատեան եղբարք, որ այլեւս պաշտօնապէս Անտոնեան միաբաններ եղած էին, նոյն 1721-ին հիմնարկեցին իրենց վանքը Քրէյմ կոչուած տեղը, Ղոստա գիւղին մօտ, եւ Հայ եկեղեցի մը յանուն Ս. Փրկչի, եւ սկսան հետզհետէ բազմանալ թէ աշակերտութեան եւ թէ ապաստանի դիմող նոր հետեւորդներով: Արծիւեան առաջնորդին Բերիա մնալը երկար չեղաւ, զի Կոլոտի օրով տրուած նոր հրամանին հետեւանօք, նա ալ 1720-ին աքսորուեցաւ Ավրատ կղզին (ԴՒԹ. 54. ), զոր յիշեցինք Աւետիքի աքսորին առթիւ  ( Ճ1866): Բայց այդ աքսորն ալ երկար չեղաւ, զի Սիւրիական Տրիպոլսոյ  աղղիական փոխ հիւպատոսն Դարպէ, եղանակը գտաւ իր երաշխաւորութեամբ Արծիւեանը իր մօտ պահելու, որ այդ առթիւ քաղաքին Մարոնի եկեղեցւոյն մէջ ձեռնադրութիւններ ալ կատարեց 1721 մայիսին, եւ քահանայութեան բարձրացուց Աբրահամ սարկաւագը, եւ  էորգ Տէր-Բարսեղեան դպիրը որ Իսահակ կոչուեցաւ  (ԱՆՏ. ): Թէ Բերիացի Անտոնեան միաբանները իրենց առաջնորդին համար, եւ թէ Դարպէ փոխհիւպատոսը իր պաշտպանեալին համար, դիմումներ կը տեղացնէին Կ. Պոլիս անոր բացարձակ ազատութիւնը ստանալու աղղիական դեսպանատունն ալ իր միջնորդութիւնը կը սաստկացնէր, սակայն Կոլոտ պատրիարք հաւանութիւն կու տար միայն Երուսաղէմի վանքը փոխադրուելուն: Ասոր վրայ Արծիւեանի պաշտպանները` տեղական միջոցներով եւ ճարտար դարձուածներով կրցան զայն Երուսաղէմի վանքին տեղ Լիբանանի նորաշէն վանքը փոխադրել 1722 ապրիլին, ուր եւ մնաց այնուհետեւ երկար տարիներ: Այդ պարագան է որուն վերագոյնդ կ՚ակնարկէինք  ( Ճ1939), թէ Արծիւեան վերջին եւ պատահական պարագաներէն օգտուելով կրցաւ ինքզինքը իբր Անտոնեանց միաբանութեան հիմնադիր կարծեցնել: Եպիսկոպոսի մը եւ նոյնիսկ թեմակալ եպիսկոպոսի մը ներկայութիւնը` պիտի յորդորէր բարեմիտ կրօնաւորները զայն պատուել եւ յարգել, եւ անոր հանդէպ համակրութիւն եւ հնազանդութիւն ցուցնել, ինչ որ կը քաջալերէր Արծիւեանի ձեռնարկու եւ մեծամիտ ընթացքը: Արծիւեան իբրեւ Բերիոյ եպիսկոպոս, բայց Բերիայէ փախստական, հեռուէն կը կատարէր լատինամիտներու վրայ իր հովուական հսկողութիւնը` նոյնիսկ Անտոնեան միաբաններու միջնորդութեամբ, եւ գլխաւորապէս Յակոբ Մուրատեան, կամ պապենական կոչմամբ Յակոբ Յովսէփեան, եւ Իսահակ Տէր-Բարսեղեան կամ Բարսեղեան աբեղաներուն ձեռքով: Իսկ վանքին մէջ` եկեղեցական հպատակութեան պահանջները` հետզհետէ գերագոյն դիրք մը տուին Աբրահամ Արծիւեանի, թէպէտեւ իւրացուցած կանոնադրութեան համեմատ, Հայ Անտոնեան միաբանութեան աբբահայրը` Աբրահամ Մուրատեանը կամ Աթթարեանն էր, եւ Արծիւեան իսկ ճանչցած էր անոր պաշտօնը, եւ իբր թեմակալ հաստատած անոր իշխանութիւնը  (ԱՆՏ. ): Այս եղաւ պատճառը, որ ապագային խնդիրներու դուռ բացաւ Արծիւեանի յաջորդներուն եւ Անտոնեան միաբանութեան միջեւ  (ԴՒԹ. 73): Լիբանանի մէջ հաստատուած Հայ վանք մը` ապաստանարան դարձաւ ամէն անոնց, մանաւանդ եկեղեցականներու, որոնք իրենց կաթոլիկութեան հակամիտութեամբը, կամ ուրիշ անձնական պատճառներով, Հայոց պատրիարքարանին առջեւ կասկածաւոր դառնալնուն համար` խոյս տալու եւ ապահով տեղ մը մնալու պէտքը կը զգային: Կը յիշուի թէ Շղթայակիրը այդ պարագային մտադրութիւն դարձնելով, արգելած ըլլայ Քրէյմի վանքը նոյնիսկ ուխտագնացութեան անունով երթալը  (ԱՆՏ. ), ուզելով առաջն առնուլ կաթոլիկական հրապուրանաց, որոնք Հայ եկեղեցական կարգաց հանդէպ թուլութեան, եւ օրինաւոր Հայ իշխանութեանց դէմ ըմբոստութեան քաջալերութիւն կ՚ընծայէին:

1941. ԴԱՒԻԹ ԲԷԳԻ ՇԱՐԺՈՒՄԸ

Ժամանակակից ցրուեալ եղելութիւնները քաղելէ ետքը, դառնանք նորէն Մայրաթոռոյ անցքերը պատմել, որոնք կապուած են Հայաստան հողի վրայ երեք տէրութեանց պատերազմներուն հետ  ( Ճ1922): Հայեր` որ ամէն կողմէ յարձակումներու ենթարկուած էին, շփոթ եւ վարանոտ դիրք մը ունէին, չկարենալով երկու մահմետական տէրութեանց ալ գործակցիլ, եւ չստանալով երրորդ քրիստոնեայ տէրութեան ազդու ձեռնտուութիւնը: Օրիի ձեռքով ցանուած ազգային ապահովութեան հետապնդութիւնը անպտուղ չէր մնացած, եւ անոր սերմերը բողբոջած էին, եւ Հայ խումբեր կազմուած էին զէնքի դիմելու եւ պատերազմներ մղելու հրոսակներու դէմ: Արդէն յիշեցինք Աղուանից կաթողիկոս Եսայիի եւ Տփղիսի առաջնորդ Մինասի ռազմաշունչ դիմումները, որոնք հարիւր հազարով զինեալ Հայեր կը խոստանային Ռուսական բանակին նիզակակից  ( Ճ1931): Լեզգիններուն 1722-ին  անձակի վրայ արշաւանքը, աւերածն ու կոտորածը, Հայոց շարժումին առաջին գրգիռը տուին, եւ Յովհաննէս  ուգարացին գլուխ կանգնեցաւ Ուտէացի եւ  ուգարացի խումբերուն, եւ Թարթար գետին մօտ Լեզգիներու դէմ ճակատելով, անոնք ետ դառնալու ստիպեց (ՉԱՄ . 784): Բայց այս չէր բաւեր երկրին խաղաղութեան, բոլոր յոյսը Պետրոս Մեծի հետ գալիք Ռուսական բանակին վրայ էր: Վրացիք եւ Հայք շարժման մէջ էին, Վրացւոց կ՚առաջնորդէր Վախտանգ, Հայերուն կ՚առաջնորդէր Եսայի կաթողիկոս, որ 10, 000 բանակի մը գլուխ կանգնած կը հրճուէր համարելով նոր նորոգեալ զիշխանութիւն Հայոց (ՋԱԼ. 48). եւ Վախտանգը կը քաջալերէր թէ  ահա հասեալ է ժամանակ փրկութեան քրիստոնէից (ՋԱԼ. 49): Բայց Չօլաքի դաշտին ցնծութիւնը շուտով կը ճնշուէր, երբոր կը լսէին թէ Պետրոս Կասպից կողմերը նուաճելէ ետքը ետ կը դառնար  (ԼԷՕ. 311), Օսմանցոց հետ համաձայնութեան  ( Ճ1932) հեռաւոր տեսակէտէն յորդորուած: Բայց անգամ մը որ ռազմիկ հոգին շարժուեր էր, Հայեր չկրցան շուտով հանդարտիլ: Հին Սիւնիքի եւ Արցախի բնակիչներ ալ ոտին կանգնած, հրամանատարի մը պէտքը կը զգային, եւ Ստեփանոս Շահումեան Վրաց իշխանին դիմելով, անոր զօրագլուխներէն հայազգի Դաւիթը կը բերէր Ղափան 1722-ին, որ է նոյն ինքն հռչակաւոր դարձած Դաւիթ Բէգը, կամ Դաւիթ Սիւնին, կամ Դաւիթ Հալիձորեցին, որ բաւական տարիներ շարժման մէջ պահեց իսլամական գունդերը: Դաւիթ գլուխ կանգնելով ըմբոստացած Հայերուն, եւ չ՚ունենալով մեծ ձեռնարկի միջոցներ, պարտաւորուած փոքր խումբերով պիտի նեղէր թշնամին, եւ այդ ձեւին մէջ ցուցուց իր յաջողակութիւնը: Իր առաջին ձեռնարկը կը սկսի 400 հոգիով, եւ այնչափով կ՚ընկճէ 16, 000 հոգւոյ բազմութիւն մը տեղացի այլազգիներէն կազմուած, Պարսիկ հովանաւորութեան ներքեւ: Դաւիթի աջակից եւ օգնական էր Մխիթար Ղափանցին, որուն միացան եւ Փարսադան Հալիձորեցի մելիքը, եւ փեսան Աւետիք Հալիձորեցի քահանան, պահ մը դժկամակ ըլլալնէն ետք, ինչպէս նաեւ Թորոս Չավընդուրեցին, Բայինտուր Ղափանցին, Ստեփանոս Շահումեանը, Պապն ու Պալին: Ասոնցմէ իւրաքանչիւրը իր սեփական գունդով կիրճերու մէջ եւ սարերու վրայ յաջողութիւններ կը տանէին բազմաթիւ թշնամիներու վրայ. իսկ ամէնուն հոգին ու հրամանատարը եւ ձեռնարկները կարգադրողը Դաւիթն էր, իր հեռատեսութեամբը, արթնութեամբը ու ժրութեամբը, եւ մանաւանդ հեղինակութեամբը ու կարգապահութեամբը նշանաւոր գլուխ մը: Շատ նկարագրական է Տաթեւի մելիք ուրացեալ եւ մատնիչ Դաւիթը ձերբակալելէ ետքը, 12 օր եկեղեցւոյ դուռը շարունակ կրկնել տալը Լոյսն Լուսաւորչի հաւատուն, վայ ուրացող մարդուն, եւ անկէ ետքը գլխատել տալը  (ԼԷՕ. Բ. 366): Մենք մտադիր չենք այդ իրողութեանց բոլոր մանրամասնութիւնները պատմել, նպատակնիս է միայն ժամանակին կացութիւնը պատկերացնել:

1942. ՄԱՅՐԱԹՈՌԻ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Երբոր Հայաստանի հիւսիսակողմը կատարեալ ապստամբութեան ձեւ էր առած` Պարսկական թագաւորութեան տագնապին եւ դուրսէն խուժող հրոսակներուն պատճառով, եւ Վրաստան ու Աղուանք ու Սիւնիք, իրարու համամիտ, բայց ոչ իրարու ձեռնտու` գործեր կը կատարէին Պարսիկներու ձեռքը մնացած գաւառներու մէջ, Երեւան եւ Էջմիածին արդէն Օսմանեան արշաւանքին ենթարկուած էին: Պարսիկները կը կասկածէին Աստուածատուր կաթողիկոսի վրայ թէ Ռուսերու հետ յարաբերութեան մէջ է. նամակ մըն ալ ձեռք անցուցեր էին, Սիւնիքի եւ Աղուանքի Հայ գունդերուն ուղղուած, որուն համար զայն բանտարկեցին ալ, եւ հազիւ 4000 ոսկւոյ տուգանքով արձակեցին: Աստուածատուր չնայելով այդ տառապանքներուն` չդադրեցաւ Հայոց շարժումը քաջալերել, եւ Ռուսական պաշտպանութիւնը հրաւիրելու հետամուտ ըլլալ: Պարսիկներ Աստուածատուրը ստիպեցին Դաւիթը յորդորել, որ դուրսի հրոսակները վանէ, իսկ տեղացիներու եւ Պարսիկներու չվնասէ. պարտաւորեցին նաեւ որ սոյն նպատակով Աղուանք եւ Վրաստան ալ երթայ: Աստուածատուր գրեց ու գնաց, բայց իսկապէս Հայերը իրենց շարժումէն ետ կենալու չխրատեց: Եթէ Աստուածատուր Պարսիկներուն կասկածելի էր, Օսմանցիներուն ալ վստահելի չէր, որոնք այս պատճառով արգելեցին Հայերուն միւռոնօրհնէքի առթիւ Էջմիածին երթալ: Յատուկ պաշտօնեայ մըն ալ 1723-ին Էջմիածին գալով յանդիմանած էր Աստուածատուրը, թէ Ռուսաց օգնելու բանակ կը պատրաստէ, եւ սպառնալիքներ ըրած: Նոյն թուականէն սկսած էին Երեւանի նահանգին մէջ մղուած պատերազմները  ( Ճ1941), եւ այն օրէն Աստուածատուր իր հանգիստը կորսնցուցած էր, եւ թափառական կը շրջէր նուազ վտանգաւոր կողմերը երթալով, կամ քաջալերութեան պէտք եղած տեղեր երեւնալով: Նա այլեւս խոհականութեան հետեւողը չէր  ( Ճ1928), զի ոչեւս խորհուրդներու շրջանն էր, եւ պարագաներ գործերը գահավիժած էին: Երեւանի եւ Էջմիածինի Օսմանցիներէ գրաւումը տեղի ունեցաւ 1724 տարւոյն երկրորդ կէսին սկիզբները, եւ մեծ ցոյցերով տօնուեցաւ Կ. Պոլսոյ մէջ  (ԺՈՒ. 331): Ասով աւելի եւս վտանգուեցաւ Աստուածատուրի դիրքը, որ հազիւ տարի մը եւս ապրեցաւ, միշտ երերեալ եւ տատանեալ կացութեան մէջ, ստէպ խուսափելով Մայրաթոռէն, տիրապետողներու կեղեքումներէն ազատելու համար, եւ մերթ հոն հանդիպելով անհրաժեշտ կարգադրութիւնները ընելու համար  (ԶԱՄ. Բ. 43): Կը յիշուի թէ Սիմէոն վարդապետ Երեւանեցի, Կ. Պոլսոյ նուիրակ  (ՋԱՄ. 29), կաթողիկոսին անունով յաջողեցաւ Էջմիածինի աթոռին եւ չորս վանքերուն համար  մուզաֆութեան, այսինքն ապահարկութեան հրովարտակ ստանալ սուլտան Ահմէտէն (ՋԱՄ. 241), բայց այսչափը չէր բաւեր հարստահարութիւնները խափանելու, եւ պատերազմի աղէտները արգելելու: Աստուածատուր կաթողիկոսի մահը տեղի ունեցաւ Օշականի մէջ, պատահական արկածով մը. զի 1725 հոկտեմբեր 10-ին, տանիքի մը վրայէն լուսինի խաւարումը դիտելու առթիւ, յանկարծ գլխիվայր կը գլորի, եւ գլուխէն ծանրապէս վիրաւորուելով չորս ժամէն կը վախճանի: Թշնամաբար տանիքէն վար մղուած ըլլալու կասկածը հիմնաւոր նկատուած չէ  (ՉԱՄ . 801): Միայն քանի մը ամիս առաջ, մարտ 1-ին, վախճանած էր Մովսէս Ջուղայեցին ալ  (ՏՅՈ. Բ. 50), որուն կաթողիկոսանալէ հրաժարելուն վրայ Աստուածատուր Համատանցին աթոռ էր բարձրացած  ( Ճ1917): Մովսէս ալ բաւական նեղութիւն քաշած էր Ջուղայի մէջ Աֆղաններուն արշաւանքին պատճառով ( Ճ1930): Աստուածատուր թաղուեցաւ Ս. Հռիփսիմէի վկայարանին գաւիթը  (ՋԱՄ. 28), իսկ Մովսէս իրեն վանքին եկեղեցւոյն հիւսիսային դրան սեմը  (ՏՅՈ. Բ. 50):

1943. ԱԹՈՌՈՅ ՊԱՐԱՊՈՒԹԻՒՆ

Անօրինակ եւ անկերպարան վիճակի մէջ կը թողուր Աստուածատուր Մայրաթոռը իր մահուան պահուն, զի կատարեալ անիշխանութիւն կրնայ ըսուիլ տիրող կացութիւնը: Որչափ ալ Օսմանցիք տիրած էին Երեւան քաղաքին եւ շրջակայից, եւ Ռուսներ հաճած էին որ այն կողմերուն վրայ իրենց տիրապետութիւնը հաստատեն  ( Ճ1932), սակայն տակաւին պատերազմի վիճակն էր որ կը շարունակէր, եւ Օսմանցիք հետամուտ էին անդրագոյն եւս ընդարձակել իրենց տէրութիւնը, մինչեւ Սիւնիք եւ Աղուանք: Պարսիկներ թէպէտ յաղթուած, եւ Մահմուտի ու Թահմազի մէջ երկփեղկած, սակայն բոլորովին ձեռք քաշած չէին իրենց սեփական գաւառներէն: Հայերն ալ` որ զէնքի դիմած էին, եւ ոչ միայն հրոսակներուն եւ Պարսիկներուն, այլ Օսմանցիներուն դիմադրելու ձեռնարկած էին, անխտիր միատեսակ նկատելով բոլոր իսլամական գունդերը: Մայրաթոռոյ միաբանութիւնը ցրուած եւ փախած, օրինական ընտրութիւն մը ընելու վիճակի մէջ ալ չէր գտնուեր: Ջուղայեցիք ալ Աֆղաններուն բռնակալութեան ներքեւ հազիւ թէ իրենց կենսական խնդիրներուն կը բաւէին, եւ Մայրաթոռի հոգը ստանձնելու եւ աթոռի պարապութեան դարմանը նայելու միջոցներն իսկ չունէին: Հարկաւ Աստուածատուր, իբրեւ խոհական եւ հոգածու անձ, նախատեսած պիտի ըլլար այդ վիճակը, սակայն ուզելով ալ չէր կրնար ազդու դարման մը գտնել, եւ իրմէ ետքը կաթողիկոսական ընտրութեան մասին միտք յայտնել եւ հրահանգ տալ: ուցէ Մովսէս Ջուղայեցին բերելու խորհուրդ տուած ըլլար, եթէ նա կանխաւ մեռած չ՚ըլլար, իսկ Դաւիթ Ջուղայեցին, որ Մովսէսի յաջորդած էր, իբր Ջուղայի վանքին առաջնորդ եւ վիճակին արքեպիսկոպոս, որչափ ալ  ճգնազգեացեւ  բարեկարգութեան նախանձախնդիրկը կոչուի  (ՏՅՈ. Բ. 53), եւ իբր  իմաստունկը գովուի, սակայն իրեն վերագրուած բարեկարգութիւններն ալ, զորս պիտի յիշենք, կը ցուցնեն, թէ իսկապէս  զատեալ մեկնեալ էր յամենայնէ աշխարհային խլրտմանց (ԽՉԿ. 9), եւ կնճռոտ ժամանակին պահանջած գործի մարդը չէր, որ Աստուածատուր անոր վրայ կարենար մտադրութիւն դարձնել: Կ՚երեւի թէ իր շուրջն ալ ուշադրութիւն գրաւող մէկ մը չտեսաւ. եւ նոյնիսկ պատահական արկածով մը մեռնելը` առիթ չներկայեց Մայրաթոռին յաջորդութեան վրայ մտածելու: Այսպէս թէ այնպէս, պարագաները դժուար կացութիւն մը կազմած էին, եւ հայրապետական աթոռին երկար ատեն պարապ մնալը կը սպառնային: