ՅԱՌԱՋԱԲԱՆ
Տարի
մ՚առաջ
(1872)
այս
գիրքս
սկսելով
հրատարակել
ի
Բազմավէպ
օրագրի՝
Ծանուցում
մ՚ալ
ըրեր
էինք.
հիմայ
ամբողջ
առանձնակ
տպագրելով՝
կրկին
ծանուցանեմք
մեր
դիտումը։
Առաքինի
եւ
կենցաղօգուտ
հանգուցեալ
անձանց
արժէքն,
եւ
զայն
գիտնալէն
ներկայ
անձանց
վրայ
եղած
օգտակար
ազդեցութիւնն,
ամեն
ատեն
ճանչցուեր
Է.
վասն
որոյ
եւ
Հին
դարուց
հետէ
այնպիսեաց
Յիշատակն
կատարուէր՝
թէ
քաղաքական
եւ
թէ
կրօնական
հանդիսիւք.
ինչպէս
որ
ճշմարիտ
կրօնքն
եւ
սուրբ
Եկեղեցին
ալ
կատարէ
իր
գերագոյն
առաքինեաց
յիշատակը՝
Տօն
կոչելով,
որ
եւ
սովորաբար
կըլլայ
տարուէ
տարի
որոշեալ
օր
մը,
անոր
համար
եւ
կ՚ըսուի
Տարէդարձ։
Այլ
մեծանշան
անձանց
յիշատակը
կամ
տօնը՝
աւելի
մեծ
եւ
համազգային
կամ
աշխարհահանդէս
կերպով
կատարելն՝
դիւրին
չըլլալով,
զանազան
տեսութեամբք,
որպէս
յայտ
է,
ավելի
ընդարձակ
ժամանակի
շրջան
մ՚ալ
հաստատել
հարկ
եղած
է,
որ
երբեմն
չորս
տարի
էր,
գուցէ
նահանջ
տարիներուն
յարմարելով,
երբեմն
աւելի
երկար,
եւ
՚ի
Հրէից
սովորութենէ
առեալ՝
մինչեւ
հիմայ
շատ
տեղ՝
50
տարուան
շրջան
մը,
որ
կ՚ըսուի
Յոբելեան։
Բայց
որչափ
ժամանակին
անհատահոս
ընթացքն
մեզմէ
առաջ
անցեալները
անդադար
հեռացնելով
'ի
ներկայիցս՝
անոնց
եւ
մեր
միջոցը
երթալով
կ՚երկարէ,
եւ
տարիներու
փոխան
դարեր
կ՚ըլլան
օղք
մարդկութեան
եւ
ժամանակի
շարայար
շղթային,
յիշատակաց
մեծահանդէս
կատարման
դարձք
ալ
կըրնան
յերկարել
կամ
մեծնալ
եւ
զի
շատոնց
'ի
վեր
Դարն
համարի
ժամանակի
գլխաւոր
չափ
կամ
շրջան
մը,
այժմու
սովորութիւնն
ալ
է
այնպիսի
յիշատակները
վերածել
՚ի
Դարադարձ,
որպէս
կ՚ախորժիմ
կոչել,
եւ
ըստ
Եւրոպացւոց
հարիւրեակ
կամ
Հարիւրամ։
Մեր
դարուս՝
մանաւանդ
վերջի
տասներեկացս
մէջ՝
աւելի
կը
յաճախէ
այս
սովորութիւնս,
մանաւանդ
թէ
կը
զօրանայ.
ըսելէ
որ
պարզ
սովորութենէ
վեր՝
զգացում
կամ
պէտք
մ՚ալ
կ՚ըլլայ։
Առանց
յերկար
իմաստասիրելու
եւ
հետաքննելու
այս
պիտոյիցս
պատճառը,
բաւական
համարինք
յիշել
մեր
ժամանակիս
քաղաքական
կենաց
զգացմունքը,
արուեստից
եւ
գիւտից
զարգացմունքը.
շարժման
երագութեան
հնարքները.
ասոնք,
ըստ
իս,
երկու
ներհակ
տարացույց
եւ
իմաստ
կ՚ընծայեն
ներկայ
մարդկան։
Մէկ
մը՝
արուեստական
առաւելութեան
մը
քան
զառաջինսն,
որով՝
առ
՚ի
հաւասարել
ժամանակիս
աճապարանօք
իմն
յառաջադիմութեանը՝
հարկ
կ՚ըլլայ
իւրաքանչիւր
անհատից
ալ
մեծագոյն
ճիգ
կամ
երագութիւն
մը,
ոյժ
մը—
մէկ
մ՚ալ՝
նուազութեան
մը
յիրս
իրս՝
քան
զառաջինսն.
եւ
եթէ
ոչ
՚ի
բազում
իրս,
սակայն
'ի
չքնաղ
եւ
սքանչելի
իրս,
այսինքն
՚ի
գեղեցիկ
դպրութիւնս.
եւ
եթէ
ընթերցողս
խոհեմաբար
լսէ՝
կըրնայի
ըսել
թէ
եւ
յընդհանուր
բարոյականի։
Չքնա՜ղ
եւ
չքնաղագո՜յն
իրք,
զորս
ոչ
անուոց
ոչ
շոգեաց
եւ
ոչ
ելեկտրիկ
թելոց
երագութիւնք,
եւ
ոչ
երագահոլով
քան
զնոսա
ստակի
ոսկւոյ
շրջադարձութիւնք՝
կըրնան
բերել
կամ
փոխանակել։
Մեր
ժամանակս,
այսինքն
ներկայ
մարդիկս՝
հիմա
գեղեցիկ
դպրութեանց
ատեն
չէ,
կամ
Հոմերոսի,
Պղատոնի,
Դիմոսթենի
եւ
համահաւասար
հետեւողաց
դարերն
անցան
եւ
բանի
չեն
'ի
գալ,
ըսելով՝
գոհ
կ՚ըլլան,
կը
վազեն
մեքենային
եւ
անոր
վերջի
անուէն
թափած
ոսկւոյն։
—
Սակայն
որչափ
ալ
այս
կերպով
հեռանան
կամ
նուազին
՚ի
յիշեալ
գեղահանՃար
նախնեաց,
այնչափ
ալ
զանոնք
աւելի
պատուելու
հարկն
եւ
պարտքը
կիմանան։
Միւս
կողմանէ
ալ՝
հիմակուան
ապրուստի
դժարութեանց
համար
մեծագոյն
ոյժի
պէտքն,
զոր
յիշեցինք,
գոնէ
զօրաւոր
ներշնչութիւն
մը,
քաջալեր
մը,
ձայնարկութիւն
մը
կը
պահանջէ։
Եւ
ահա
այս
երկու
բանէն,
կարծեմ,
կը
դրդի
մեր
դարս
առջիններուն
մէջ
երեւեալ
քաջանշան
անձանց
յիշատակները
նորոգել
Դարադարձիւք,
եւ
նոր
ատեն
հանդիպած
երեւելի
կամ
յաջող
բաներն
ալ՝
տարէդարձիւք։
Ազգերնուս
մէջ
հիմա
յաճախեալ
լրագիրք
մեր
ըսածին
օրինակներն
ալ
չեն
լռեր.
եւ
անշուշտ
յիշեն
շատ
ընթերցողք
այս
ետքի
տարիներս
Եւրոպիոյ
զանազան
աշխարհաց
մէջ
համաշխարհական
կամ
ազգային
Դարադարձ
յիշատակները
եւ
տօները,
սկսեալ
՚ի
Ս.
Պետրոսի
նահատակութեան
ԺԸ
դարադարձԷն
(1866),
Տանդէի`
իտալացւոց
եւ
նոր
դարուց
Քերդողահօր
ծննդեան
600-ամեկէն
(1265–1865),
մինչեւ
այս
տարուանս
մէջ
հռչակեալ՝
երկնից
աստեղաց
դրութիւնը
հաւաստող
Կոպեռնիկի
ծննդեան
(1473)
Դ
դարադարձը,
եւ
թատերաց
հանճարեղ
զուարթարարին
Մոլիէրի
մահուան
(1673)
20-ամեակը։
Ասոնց
յիշատակաց
գծին
վրայ
շատ
անուններ
ալ
կան,
որ
քանի
մ՚ամիս
եւ
տարի
ետեւ
պիտի
հանդիսանան
եւ
տօնուին
Եւրոպիոյ
զանազան
աշխարհաց
եւ
տէրութեանց
մէջ.
որք
իրենց
յառաջադիմութեան
նոր
մղում
մ՚ալ
այսպիսի
տօներով
կ՚առնուն.
եւ
այն
անդադար
յիշեալ
եւ
իբրեւ
առակ
եղեալ՝
իմանալի
կամ
անիմանալի
Ազգային
ոգին
կամ
հայրենական
հառաչն՝
անոնցմով
կը
հանգչեցընեն,
գէթ
ինչուան
նոր
յիշատակի
դարձ
մը։
Իսկ
մենք
դառնանք
՚ի
հայրենիս
մեր,
՚ի
Հայս։
Տարեցոյցներնուս
վրայ
սկսաւ
նշանակուիլ
մեր
հին
ազգային
թուականն,
Հայկայ
տօմարն,
ուսկից
մինչեւ
այս՝
4365
տարի
է՝
գրեթէ
44
դար!
Որչափ
ալ
անստոյգ
եւ
մթին
ըլլան
հին
ժամանակք
ընդհանուր
ազգաց,
որով
եւ
մերս,
տակաւին
կըրնամք
ըսել
թէ
բաց
՚ի
Հրէից
եւ
Եգիպտացւոց՝
յոյժ
սակաւք
՚ի
հնոց
եւ
ոչ
ոք
՚ի
նորոց
ազգաց՝
կըրնան
հաւասար
հաւատալիության
չափով
ցուցընել
այսպիսի
հնութիւն
մը,
այսպիսի
տօմարական
հաշուով
ժամանակ
մը,
այսպիսի
ազգային
կեանք
մը։
Թէ
ո՞րպէս
քաջութեամբ
եւ
փառօք
ծագեր
է
հայկական
կեանքն,
նաեւ
լոկ
աւանդութիւն
համարելով
Հայկազանց
պատմութիւնը,
եւ
թէ
ո՞րքան
յեղափոխութեանց
ենթակայ
ըլլալով՝
այնքան
դարուց
եւ
տարեաց
երկարութեան
մէջ,
որպիսի՞
վիճակի
մէջ
է
հիմայ,
—
արժանի
քննութեան
նիւթ,
—
այլ
այս
չէ
մեր
նպատակն։
Միայն
՚ի
հարկէ
ամեն
ընթերցողի
ալ
մտաց
երկու
բան
կը
ծագէ.
մէկ
մը,
թէ
այսքան
շղթաշար
երկար
ազգային
կեանքն
իր
շատ
օղակաց
վրայ
պիտի
ունենայ
այնպիսի
անցք
եւ
անձինք՝
որոց
դարադարձք
նորոգուելու
արժանի
ըլլան,
—
եւ
կան
կան
շատ
անցք
եւ
անձինք
գէթ
այն
44
դարուց
կիսէն
վար,
սկսեալ
Մեծին
Ալեքսանդրի
օրերէն,
որ
ատեն
պատմութիւնն
մեր
ազգին
նկատմամբ
ալ
աւելի
հաստատութիւն
կ՚առնու.
եւ
հօս
ալ
կը
ստիպուիմք
մեր
բազմերախտ
Պատմահօր
Խորենացւոյ
անմոռանալի
իմաստն՝
անգամ
մ՚ալ
կրկնել
յունկն
եւ
'ի
սիրտ
հայասիրաց
եւ
հայատեցից.
եթէ
գտնուին.
«Զի
թէպէտ
եւ
եմք
ածու
փոքր,
եւ
թուով
յոյժ
ընդ
փոքունս
սահմանեալ.
եւ
զօրութեամբ
տկար,
եւ
ընդ
այլոց
յոլով
անգամ՝
նուաճեալ
թագաւորութեամբ,
սակայն
բազում՝
գործք
արութեան
գտանին
գործեալ
եւ
՚ի
մերում
աշխարհիս,
եւ
արժանի
գրոց
յիշատակի».
—
յառաջ
տանի՞նք
եւ
աւելցընենք
յաջորդն
ալ,
թէ
«զոր
եւ
ոչ
մի
ոք
՚ի
նոցանէ
(յառաջնոցն
մերոց
եւ
թագաւորաց)
պէտ
յանձին
կալաւ
մատենագրել»։
Երկրորդ
մտաբերութիւնն
ալ
այս
է
անշուշտ,
որ
եթէ
մեզմէ
շատ
բարեբաղդ
եւ
կիրթ
ազգք
եւ
պետութիւնք
իրենց
ազգային
յիշատակները
կը
նորոգեն
այնպէս,
որչափ
կը
վայելէ
եւ
մեզ՝
այսպիսի
յիշատակօք
ոչ
միայն
մեր
նախնեաց
արժեքը
հռչակել,
այլ
եւ
անկէ
խրախուսելով՝
նոր
ոյժ
կամ
մղում
մ՚առնուլ՝
մեր
ներկային
լաւութեան
եւ
ապագային
աւելի
լաւութեան։
Եթէ
անցեալ
գնացեալ
են
մեր
Արամայ,
Տիգրանանց,
Տրդատաց,
Վարդանանց
դարերն,
Գրիգորեանց,
Սահակաց,
Ներսիսեանց
եւ
Մովսիսեանց
օրերն՝
աւելի
դիւրաւ
կըրնան
նորոգուիլ.
եւ
եթէ
առջինները
միայն
տօնիւք
եւ
հանդիսիւք
եւ
հեռաւոր
հետեւութեամբ
պէտք
է
յիշատակենք,
ետքիններս՝
մերձագոյն
նմանողութեան
եւ
հաւասարութեան
նպատակ
պիտի
առնուլ։
Անոր
համար
Եկեղեցին՝
ամենէն
սուրբ
եւ
ստոյգ
աւանդապահ՝
մեր
մէջ
ալ
տարուէ
տարի
կը
նորոգէ
հեղօրէն
այսպիսեաց
յիշատակը,
թողլով
քաղաքական
խոհեմութեան՝
չափաւորապէս
ընդարձակել
աշխարհօրէն
ալ՝
թէ
անոնց
եւ
թէ
առջիններուն
յիշատակը
եւ
Դարադարձը։
Այս
երկրորդ
դասէ
յիշելեաց
շատ
արժանաւոր
եւ
նշանաւոր
անձանց
զուգի
մը
մահուան
կամ
յերկրէ
յերկինս
փոխման՝
դարադարձ
է
այս
տարի,
եւ
ո՛ր
եւ
է
զարմանալի
նախախնամական
կամ
դիպուածական
կերպով՝
73
տարէթուին
պատահեր
են
Ներսիսեանց
յիշատակք։
Ա.
Ներսէս
հայրապետն
մեր
կնքէ
երկրաւոր
կեանքը
՚ի
(25
յուլիսի
373)
տարւոյ.
յետ
ամբողջ
900
տարւոյ
կը
յայտնին
իր
վեհակերպ
կմախքն
կծկեալ
այլ
դեռ
նստեալ
այն
գահուն
վրայ՝
ուսկից
միայն
Պապայ
պէս
պիղծ
պատանի
մը
կը
յանդըգնէր
գլորել
զնա,
եւ
մէկէն
կը
սկսի
նշխարաց
գիւտն
տօնուիլ
յամէն
1273։
Դ
Ներսէս
Հայրապետ,
առաջնոյն
պէս
միայն
ի
համանուանս
եւ
'ի
յետագայս
դասեալ
ընդ
սուրբս,
կը
վերանայ
առ
նոսա,
յ՚8
օգոստոսի
1173
տարւոյ։
Եթէ
ասոնց
արժանապատիւ
Ներսէս
մ՚ալ
խնդրենք,
՚ի
հարկէ
Լամբրոնացին
պիտի
ըլլայ,
մերձաւոր
եւ
հաւասար
արդեամբ
եւ
սրբութեամբ.
այլ
ըստ
տարէթուի
միայն
իր
ցեղին
ծագման
կամ
նախահօր
յայտնութիւնն
կը
պատշաճի
73
թուոյ.
վասն
զի
1073
թուին
է
որ
Օշին
նախահայրն
Լամբրոնեանց
յերեւան
կելնէ
՚ի
պատմության,
Հայոց
ամենէն
արեւելեան
սահմանաց՝
Արցախոյ՝
ի
Մայրեաց-ջրոց
ելեալ
գալով
յարեւմտագոյն
սահմանս
Կիլիկիոյ։
Անշուշտ
երկու
հայրապետացս
մեծահանդէս
յիշատակն
է
զոր
կը
պահանջէ
տարիս,
բերելով
մէկուն
փոխման
պանծալի
1500-ամեակ
մը
կամ
ԺԵ
դարադարձը,
եւ
նշխարաց
յայտնութեան
600-ամեակ
կամ
Զ.
դարադարձը,
միւսոյն
փոխման
700-ամեակը
կամ
Է.
դարադարձը։
Երկու
հայրապետք
Հայոց,
ըստ
դիպաց
կամ
ըստ
տեսչութեան
համանուանք,
այլ
գործովք՝
միշտ
ըստ
վերջին
տեսչութեան
վարեալք
եւ
փայլեալք.
երկու
հայրապետք,
որք
ո՛ր
եւ
է
եկեղեցեաց
աթոռոց
պարծանք
կըրնան
համարուիլ,
եւ
Հայաստանեայց
եկեղեցւոյ
աթոռն
ալ
բարձրացնել
քան
զբարձրագոյնս։
Երկու
անձինք
հրաշալիք
եւ
հրաշակերտք,
ոչ
այնքան՝
գերբնական
նշանագործութեամբք,
որքան
գերագոյն
եւս
օրինակօք
վարուց
եւ
գործոց.
երկու
մեծ
անձինք
'ի
մեծս
իսկ
արդեամբք
գործոց.
այն
երկու
անձինք,
որոց՝
Ազգն
համօրէն
իբրեւ
մի
մարդ,
մանաւանդ
թէ
արդարակշիռ
աստուածամարդ
մը՝
ընծայեր
կնքեր
է
ամենէն
սուրբ
եւ
սխրալի
մականուն,
եւ
ընդ
ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ
իւր
երրեակ
մը
կազմեր
է,
զոմն
կոչելով
ՇՆՈՐՀԱԼԻ,
եւ
զոմն
ՄԵԾ.
վասն
զի
այս
ետքի
կոչումս՝
որ
շատ
յեղ
շատոց
ընծայուած
է,
նաեւ
'ի
պատմութեան
մերում,
ամենէն
աւելի
սեփականուած
է
մեր
մէջ
Ա.
Ներսիսի,
որ
յատկօրէն
իմն
կոչի
եւ
Պարթեւ,
որպէս
եւ
իւր
հրաշալի
որդին
Ս.
Սահակ,
որ
նոյնպէս
եւ
Մեծ,
այլ
քան
զամենայն
թագաւորս,
զօրաւորս
եւ
հայրապետս՝
Ա
Ներսէս
յատկապէս
ժառանգած
է
ազգէն
այդ
Մէծ
նշանակը։
Մեծ
կոչեցաւ
եւ
էր
Ներսէս
Ա,
կըրնամք
ըսել,
ըստ
ամենայն
առման
բառին։
Մեծ
էր
զարմիւ
իր
մեծ
եւ
պանծալի
ցեղին
մէջ
անգամ.
վասն
զի
ոչ
միայն
'ի
Պարթեւաց
էր
եւ
'ի
Ս.
Գրիգորէ
Լուսաւորչէ,
որպէս
եւ
այլ
որդիք
եւ
թոռունք
նախահայրապետին
մերոյ,
այլ
միայն
Ներսէս
թագաւորի
մը
թոռ
ալ
եղաւ
՚ի
մօրէ,
որպէս
եւ
փեսայ
մեծազգի
Հարսին,
Հայոյ
կամ
Յունի։
Արտաքին
կերպարանօք
եւ
կազմուածով
ալ՝
ըստ
վկայութեան
ականատեսից՝
«Էր
սա
մեծ
եւ
բարձր,
ցանկալի
հասակաւ
եւ
վայելուչ
գեղով»,
եւ
մազերով,
եւ
կրած
զգեստներով,
նշաններով
եւ
զէնքերով.
վասն
զի
նախ
զինակիր
եղաւ,
եւ
թագաւորի
զինակիր
եւ
թիկնապահ.
եւ
գինուորական
ու
իշխանական
մեծագոյն
ասպարէզը
բացեր
եւ
մտեր
էր,
երբ
Եկեղեցին
յափշտակեց
զնա
յաշխարհէ
եւ
մտուց
իրեն
սրբազան
դասը,
եւ
բարձրացույց
յաթոռ
Լուսաւորչին։
Ներսէս
եկեղեցական
սրբութեան
եւ
Հոգւոյն
մեծութեան
հետ
միացուց
իր
նախկին
աշխարհական
կամ
տոհմական
մեծութիւնն
ալ,
եւ
'ի
սակաւատեւ
ութամեայ
գահակալութեանն
երեւի
արքայակերպ
քահանայապետ
մը,
կամ
քահանայակերպ
արքայ
մը.
եւ
մէկ
թագով
երկու
իշխանութիւնն
ալ
կրել
կարծուի։
Քահանայապետութեամբ
հրաշազարդ
հաւասարորդ
Մեծ
մը
կ՚ըլլայ
'ի
Հայս՝
իր
ժամանակակից
նախակարգեան
մեծ
հայրապետաց
հետ,
Դամասկոսի՝
Հռովմայ,
Աթանասի՝
Աղեքսանդրիոյ,
եւ
Բարսղի՝
Կեսարիոյ.
անոնց
ամենէն
ալ
աւելի
հեղինակութիւն
ունենալով
իր
սեփական
ազգին
եւ
յաշխարհին
վրայ,
որպէս
եւ
աւելի
քաղաքական
օգուտ
եւ
բարիք.
վասն
զի
ոչ
յեկեղեցւոջ
միայն՝
այլեւ
արտաքոյ
կըրնայ
ըսուիլ
Ներսէս՝
Հայր
ազգին
Հայոց.
ցանկալի
եւ
մեծ
կոչում
մը՝
զոր
չէին
կըրնար
յայսմ
մասին
ունենալ
իր
ժամանակակիցքն,
որպէս
եւ
շատք
յայլ
ժամանակս։
Մեծ
էր
հայրն
Հայոց,
այլ
ոչ
հաւասար
որդիքն,
մանաւանդ
անուանեալ
մեծամեծքն,
թագաւորքն
եւ
մերձաւորք
նոցին։
Եթէ
հնար
էր՝
անթափանց
վարագույր
մը
ձգել
կ՚արժէր
Բ
Արշակայ,
ինչպէս
իր
հօր
եւ
ավելի
իր
որդւոյն
Պապայ
պատմութեան
վրայ.
որոց
փոխան
եթէ
Տրդատ
կամ
Վռամշապուհ,
գէթ
Խոսրով
մ՚ըլլար
ատենին
Հայ
թագաւորն,
Ներսէս
գուցէ
Մեծէ
աւելի
մականուն
մ՚ալ
ժառանգէր։
Այլ
այն
անկարգ
եւ
աղտեղի
թագաւորաց
մոլութեանց
եւ
բռնութեանց
դէմ
ալ
կռուելով,
Պարսից
զինուց
ահեղ
զօրութեան
դէմ
ալ
կենալով
զինու
աղօթից,
Յունաց
քաղաքավարութեան
հետ
ալ
յարմարելով
եօթն
կամ
ութ
տարուան
կարճ
հայրապետութեանը
միջոց.
կըրցաւ
արժանապէս
ըսուիլ
եւ
ըլլալ
կանգնող
հայրապետական
եւ
թագաւորական
գաւազանաց:
Իր
պապուն՝
Ս.
Յուսկան
նահատակօրէն
մահուընէն
ետեւ
միայն
քանի
մը
տարի
անցեր
էր,
բայց
այն
քիչ
միջոցին
օտար
ցեղէ
քահանայապետք
կամ
աթոռակալք
չկարնալով
Լուսաւորչի
պայազատաց
հեղինակութիւնն
ունենալ,
եկեղեցւոյ
մէջ
ալ
անկարգութիւնք
մտած
էին.
Ներսէս
ուղղեց
զանոնք,
ժողովք
եւ
կանոնօք
պատսպարեց.
եպիսկոպոսաց
կարգն
եւ
աթոռները
առջինին
պէս
հաստատեց,
բարուց
զեղծման
դէմ
կռուեցաւ,
աւելորդ
ծախքերը,
մանաւանդ
յուղարկաւորութեանց
մէջ,
եւ
ալ
աւելի
աւելորդ
սուգերը՝
դադրեցուց.
ամենայն
տեսակ
կարօտելոց
եւ
տկարաց,
թէ
մարմնով
եւ
թէ
մտօք
կամ
հոգւով՝
պէսպէս
ապաստաններ
պատրաստեց,
այսինքն,
վանքեր,
հիւրանոցներ,
ուրկանոցներ,
փուտկաներ,
2000-էն
աւելի,
այնպես
որ
իր
օրերը
ոչ
աղքատ,
ոչ
հիւանդ,
ոչ
պանդուխտ
կ՚երեւէր
դուրս
տեղ։
Իր
Հայրապետանոցը
միշտ
12
եպիսկոպոս
կը
պահէր,
բոլոր
եկեղեցւոյն
հոգն
իրեն
հետ
հոգալու,
իր
հեռացած
ատեն
ալ
տեղապահելով,
վասն
զի
ոչ
միայն
իր
սեփականը,
այլ
եւ
ընդհանուր
եկեղեցւոյ
պիտոյից
հոգացող
էր,
այն
ատեն
դեռ
Արիանոսաց
եւ
նմանեաց
աղմուկն
դադրած
չըլլալով,
որով
հարկ
եղաւ
իրեն
երթալ
'ի
Կեսարիա
յօգնութիւն
իր
երբեմն
ընկերակցին
՚ի
ձեռնադրութեան,
եւ
ըստ
աւանդութեան՝
մեկտեղ
զՀոգին
սուրբ
աղաւնակերպ
ընդունողին,
Ս.
Բարսղի,
եւ
ստորագրեց
թղթոյն՝
զոր
միաբան
ժողովեալքն
ընդ
Բարսղի՝
ուղղեցին
առ
Արեւմտեայս։
-
Իսկ
քաղաքական
խնամօք՝
գրեթէ
երկու
անգամ
Հայոց
թագաւոր
դրաւ,
զԱրշակ
եւ
զՊապ.
անոնց
հետ
գժտեալ
նախարարները
հաշտեցուց,
իւրաքանչիւրի
աստիճանը
եւ
գահը
տալ
տուաւ,
եւ
թագաւորին
քով
համազգային
հանդիսից
օրերը
400
կամ
ըստ
ոմանց
900
աթոռով
կը
բազմեցընէր
Հայոց
իշխանները
եւ
ազնուազունքը։
Ոչ
միայն
անոնց
պսակները
եւ
պատուոյ
զարդերը
կ՚օրհնէր,
այլեւ
զէնքերը
եւ
զրահները,
եւ
Ձիրաւայ
դաշտերուն
մէջ
Պարսից
յաղթող
կ՚ընէր
զՄուշեղ
եւ
զՍմբատ
եւ
զստրատելատս
Յունաց.
եւ
մինչ
ազգին
ամենէն
կտրիճ
հասակը
եւ
գունդը
կը
հոգար՝
չէր
ալ
մոռնար
ամենէն
տկար
եւ
ճղճիմ
հասակն
իսկ.
եւ
մոլի
թագաւորի
ու
մոլեալ
իշխանազանց
ոմանց
հակառակութեամբ
կոտորեալ
մարդկան
մանրիկ
մնացորդները՝
կողովներով
ժողովելով՝
դայեկաց
եւ
դաստիարակաց
կը
յանձնէր,
կը
մեծցընէր,
իրենց
ծնողաց
ժառանգութեան
կը
հասցընէր։
…
Բայց
մեր
նպատակն
Մեծին
Ներսիսի
վարքը
պատմել
չէ.
այլ
յիշել
եւ
յիշեցընել
որ
արժանի
էր
այս
դարադարձ
առթիւ՝
մեծապէս
հռչակման.
եւ
ոչ
զմահն
ալ
կ՚ուզեմք
յիշել,
որ
այնքան
անարգ
եղաւ
անոր
անարգագոյն
պատճառող
Պապին.
այլ
դարձեալ
այնքան
մեծ՝
ընդունողին.
վասն
զի
իր
անգիտութեամբ
խմած
մահադեղէն
շատ
աւելի
զօրաւոր
դեղթափ
ունիմ,
կըսէր,
հաւատքս
առ
Աստուած,
որով
կըրնամ՝
թոյնը
թափել,
սակայն
ցանկալի
է
ինձ
մահը,
երբ
բնական
դուռ
մը
կը
բացուի
ասոր։
Արքունական
խարդախ
սեղանէն
ելնելով՝
մտաւ
առաջի
սեղանոյ
անմահ
թագաւոին,
հաղորդեցաւ
կենաց
հացին,
եւ
այնպիսի
վսեմ
ու
խորիմաստ
բանիւք՝
աղօթիւք
եւ
օրհնութեամբք
հրաժարեցաւ
յաշակերտաց,
եւ
իշխանաց,
յեկեղեցւոյ
եւ
՚ի
կենաց,
որ
միայն
այսօրինակ
մահուամբն
կամ
փոխմամբ
՚ի
կենաց
՚ի
կեանս՝
արժանի
էր
Մեծ
կոչուելու։
Մեծազգած
մահուն՝
մեծահանդէս
յուղարկաւորութիւն
մ՚ալ
եղաւ.
մեծագոյն
սուգ
եւ
յիշատակ
մը
տարածեցաւ
ի
Հայս
եւ
՚ի
Յոյնս։
Իսկ
իրեն
ժառանգ
եւ
ժառանգութիւն
Հայոց՝
Մեծն
այն
թողուց
Մեծ
զաւակ
մը,
իր
արեան
եւ
արդեան
արժանաւոր
պայազատ՝
Ս.
Սահակ
Պարթեւը։
Երախտագէտ
ազգայինք
իրենց
Մեծ
հայրապետին
համեմատ
յիրաւի
Մէծ
եւ
հոյակապ
եկեղեցի
մը
կանգնեցին
իր
հանգստարանին
վրայ
'ի
Թիլն
աւան,
մօտ
Երզընկայ.
որոյ
շքեղ
մեծութիւնն
փուչ
ըլլալով,
Հայաստանի
նախ
տիրող
անհրահանգ
Արաբացւոց՝
անոր
նման
ուրիշ
երկու
մեծ
եկեղեցեաց
հետ
քակեցին
փլուցին,
եւ
չթողին
վերականգնելու։
Եւ
ահա
ասոր
փլատակաց
տակէն՝
յետ
900
տարիներու
գտնուեցաւ,
ինչպէս
նախ
յիշեցինք,
իր
պատուական
մարմինն,
յամին
1272,
եւ
կրնաք
ըսել
թէ
եւ
արժանապէս
պատուեցաւ
յազգէն
եւ
յեկեղեցւոյն.
Ժողովուրդ,
իշխանք,
քահանայապետք
եւ
թագաւոր
իսկ
Հայոց,
Լեւոն
Գ,
պէսպէս
նուիրօք
եւ
շինութեամբք
նշխարները
հանգուցին
յեկեղեցիս
եւ
'ի
վանորայս.
եւ
խանդավառեալ
բանասէրք
եւ
բանաստեղծք՝
ներբողենիւք
շարականօք
եւ
պատմութեամբք
արձանացուցին
այս
աստուածաշնորհ,
այցելութիւնը։
Փափագելի
էր
նոր
այցելութիւն
մը
համարիլ՝
եւ
այս
600-ամեան
տարէդարձը,
եւ
բուն
հանգըստեան
1500-ամեակը
կամ
ԺԵ.
Դարադարձը:
Ա
Ներսիսի
նշխարաց
գիւտէն
դար
մը
յառաջ
հանգեաւ
(1173)
Դ
Ներսէս,
ամենարժեայ
Շնորհալին.
որոյ
վարքն
եւ
արդիւնքը
ջանացինք
յիշեցընել
այս
գրքուկովս.
վասն
որոյ
աւելորդ
է
հou
կանխաբանելն։
Այլ
ըսենք
զայս,
որ
եթէ
երկուց
բազմերախտ
Ներսիսից
մէջ՝
զսա
ընտրեց
գրողս՝
իր
կողմանէ
նուէր
եւ
յիշատակ
պանծալի
դարադարձիցս,
ժամանակի
մերձաւորութեամբ,
գրաւոր
արդեամբք
եւ
կրօնական
յարաբերութեամբք,
միանգամայն
եւ
անուշակ
եւ
հեզափայլ
բանիւք
եւ
վարուքն,
եւ
առաւել
իմն
արտափայլեալ
ամենազարդ
շնորհօքն՝
զսա
պատշաճագոյն
համարեցաւ
յoրինակ,
'ի
յոյս
եւ
՚ի
խրախոյս
պիտոյից
ապաշուք
ժամանակիս.
յորում
այսքան
եկեղեցական
եւ
եկեղեցականաց
խնդիրք
եւ
շարժմունք
են,
եւ
ոչ
գիտեմ՝
ո՞րքան
շփոթքն
եւ
ո՞րքան
շնորհքն։
Շնորհալւոյ
միայն
լուսաւոր
անձը
լաւ
ճանչցնելու,
այլեւ
իբր
թէ
ճառագայթից
սփիւռն
ալ
ցուցընելու
համար,
սովորական
կենսագրական
ոճէն
աւելի
ընդարձակեցինք
այս
գործս.
ընթերցողաց
աւելի
հաճոյ
եւ
դիւրին
դատելի
ենթադրելով՝
ընտրեալ
անձին
ժամանակակից
անձանց
եւ
դիպաց
ծանօթանալ.
բայց
եւ
շատ
չընդարձակուելու
համար՝
չուզեցինք
ընել
եւ
անուանել
մեր
գործը՝
Շնորհալի
եւ
ժամանակ
իւր,
այլ
Պարագայ
իւր.
որով
կ՚ուզեմք
իմանալ
եւ
բովանդակել
անոր
մօտ
չափաւոր
միջոց
մը
տեղւոյ
եւ
ժամանակի.
մանաւանդ
իրեն
վարուց
եւ
գործոց
վերաբերեալ
իրաց։
Որովք՝
մեր
պատմութիւնն
թէ
քաղաքական,
թէ
եկեղեցական
եւ
թէ
գրաւորական
հայեցուածք
ունի.
եւ
ժամանակն
ալ՝
եթէ
Ներսիսի
կենօք
կ՚աւարտի,
այլ
անոր
կեանքէն
գէթ
կէս
դար
մ՚ալ
կը
յառաջէ՝
զոր
եւ
իբրեւ
համառօտ
պատկերաւ
մը
ցուցընելու
համար՝
գործոյս
վերջը
կարգեցաւ
ժամանակագրութիւն
մը,
յորում
նշանակեալ
դէպքն
հեռաւոր
կամ
մերձաւոր
յարաբերութիւն
մ՚ունին
Պարագայի
Շնորհալւոյն։
Այս
պարագայիս
կամ՝
մեր
պատմութեան
սկիզբն
ըրինք
Պահլավունեաց
ցեղաբանութեամբ,
ուսկից
ծագեցաւ
Ներսէս,
որոյ
համար
եւ
ցեղացոյց
պատկերաւ
կամ
ծառով
մ՚ալ
ուզեցինք
ներկայացընել
այն
Բ
Պահլաւունի
տոհմը,
որ
ընծայեց
յաջորդաբար
այնքան
կաթողիկոսներ
եւ
իշխաններ
Ժ-ԺԳ
դարուց
միջոց,
որոց՝
յառաջ
քան
զՇնորհալին՝
ամենէն
նշանաւորքն
են
Գր.
Մագիստրոս
եւ
ասոր
որդին
Գր.
Վկայասէր.
ապա
հարկաւ
ասոնց
վրայ
քիչ
մ՚երկարօրէն
հարկ
էր
խօսիլ,
մանաւանդ
երկրորդին
վրայ։
Ասոր
պատմութիւնն,
ինչպէս
որ
՚ի
կարգին
ալ
յիշած
եմք,
շատ
տեղ
մութ
եւ
պակասաւոր
մնացած
է,
ժամանակակից
պատմիչ
չգտնուելուն
պատճառաւ.
քննելեաց
մէկն
ալ
իր
տարիքն
էր,
որոյ
համար
տարակոյսնիս
եւ
կարծիքնիս
կը
տեսնուի
յերես
28
գրոցս,
եւ
յետոյ
ալ,
ըստ
հասարակաց
համարման
ալեւորեալ
ծերութեան
հասած
ըսելով
զնա,
բայց
յետ
տպագրութեան
գրոցս
այն
մասին՝
հասաւ
ձեռուընիս
«Վարդանայ
Հայկազնի
տաղ
գերեզմանական,
վասն
փոխման
երանեալ
եւ
սուրբ
կաթողիկոսին
Հայոց
Գրիգորի
Վկայասիրի».
Շնորհալւոյ
Վիպասանութեան
եւ
Եդեսիոյ
Ողբոց
ոճով
գրեալ
ութոտեան
տողիւք
եւ
նըմանայանգ
վերջաւորութեամբք,
եւ
գուցէ
ա՛լ
մօտ
աշխարհաբառի,
յորում
կ՚իմացընէ
թէ
Վկայասէրն
չէր
հասած
խոր
ծերութեան,
այսպէս
ըսելով:
«
Այս
ժամանակ
դարձի
դեռ
չէր,
Թէ
ծերութեամբըն
թախանձէր,
Կամ
բազմամեայ
աւուրս
ունէր
Թէ
՚ի
վախճանըն
հասանէր.
Բայց
մեզ
խրատ
էր
պատահէր,
Երեկ
ցասումս
որ
սասանէր
»
։
Ստուգութեան
սէրն
եւ
ջանքն
որով
զայս
ծանուցանեմք,
եւ
զոր
յամենայնի
ունեցանք
գրուածոյս
մէջ,
կը
յուսամք
թէ
ներողամիտ
ընեն
զընթերցողս՝
մեր
ո
եւ
է
թերութեանց
կամ
սխալանաց.
որոց
կամաց
եւ
քմաց
թողումք
մեր
առանձին
կարծիքները
կամ
համարմունքը.
միայն
կրօնական
խնդիրները,
եթէ
գտուին,
թողլով
՚ի
դատաստան
բարձրագույն
կրօնական
ատենի,
որում
եմք
եւ
կ՚ուզեմք
միշտ
ըլլալ
հպատակ.
թէ
եւ
ուզած
ալ
եմք
այսպիսի
խնդրոց
վրա
չերկարիլ
մեր
պատմութեան
մէջ,
նոյն
իսկ
ժամանակիս
դիպուածներէն
ալ
նոր
փորձ
ունենալով
անոնց
օգտին
եւ
վնասուն
համեմատութեան։
Մեր
գլխաւոր
դիտածն
'ի
Շնորհալին`
իր
այս
կամ
այն
յատկութիւնն
չէր,
այլ
հաւասար
ամեն
տեսակ
շնորհքն
իր
գերագոյն
աստիճանի
կրօնական
անձ
ըլլալն
իսկ՝
չի
նուազեցըներ
մեր
առջեւ
իր
գրաւորական
եւ
քաղաքավարական
դերակատար
դիրքերն
ալ,
եւ
ամենէն
աւելի
իր
ազնիւ,
անոյշ,
անհամեմատ
բարքը.
որովք՝
ամեն
վիճակի,
հասակի
եւ
ամեն
մարդկան
ալ,
մանաւանդ
իրեն
եւ
իմ
համազգեացս,
փափագեցի
եւ
փափագեմ
ընծայել
զնա
օրինակ,
պաշտպան
եւ
միջնորդ,
միանգամայն
եւ
պարծանք
եւ
սփոփանք։
Յետ
իմ
կենդանի
նժդեհակցացս՝
կ՚ընծայեմ
զայս
որպիսի
եւ
է
վաստակ։
Քեզ՝
Հոգի
✜.
—
որ
ոչ
միայն
քան
զամենայն
ոք
«աշխարհիս
երախտաւոր
եղած
ես
ինձ,
կենացս
պատճառաւ,
այլ
եւ
մասնաւոր
իմն
խնամով՝
զվարկ
Շնորհալւոյ
տպաւորեցիր
'ի
նորաբոյս
ոգիս,
—
այն
կանուխ
ծնողական
եւ
ազնուական
ձայնիդ՝
իբրեւ
կիսադարեան
դանդաղ
եւ
նուաղ
արձագանգ։