Ի.
Թորոս
Բ
եւ
եղբարքն՝
Ստեփանե
եւ
Մլեհ.
գործք
նոցա
ընդ
Յոյնս ,
Լատինս
եւ
Թուրքս.
-
Շնորհալի
միջնորդ
հաշտութեան
Թորոսի
եւ
Օշնի
Լամբրոնացւոյ։
Արդէն
քանի
մ՚անգամ
յիշեցինք
զԹորոս
Բ,
որ
մեր
պատմութեան
պարագային
մէջ՝
՚ի
սկըզբանն
իբրեւ
ողբերգելի
մանուկ
մ՚է
գերութեամբն
ընդ
հօր
իւրոյ
Լեւոնի
եւ
բանտելով
՚ի
Կ.
Պօլիս.
յետոյ
իբրեւ
վիպասանելի
երիտասարդ
մը՝
անկարծելի
կերպով
բանտէն
ազատելով,
յորում
սիրահնար
հանգոյցներ
ալ
կը
նշմարուին.
իսկ
կատարեալ
հասակաւն՝
կտրիճ
դիւցազն,
եւ
այնչափ
գովելի
եւ
հաճոյ
դիւցազն,
որչափ
որ
քաջութեան
հաւասար
հայրենեաց
նախանձախնդիր
էր.
մինչեւ
Յունաց
մայրաքաղաքի
եւ
ազնուական
տիկնոջ
մը
հրապոյրքը
թողլով՝
դեռ
դալար
երիտասարդութեան
մէջ,
իբրեւ
առիւծու
(Լեւոնի)
վարժարանի
մէջ
կրթուած
զուարակ
մը՝
ցնցեց
ցատքեց
այն
թուլացուցիչ
ցանցերէն,
եւ
զարմանալի,
ըստ
ոմանց
եւ
հրաշալի
յաջողութեամբ
կամ
առաջնորդութեամբ,
եկաւ
մտաւ
իր
հօր
եւ
հաւուց
արեան .
քրտամբք
կռուած
եւ
բռնած
տեղերը։
Այնքան
սքանչելի
թուեցաւ
Թորոսի
ազատումն
եւ
տիրապետութիւնն՝
այնքան
կայսերական
ատելութեան
եւ
հզօր
զօրութեան
դէմ,
որ
եղածը
կամ
դիպուածը
պէսպէս
պատմելով
եւ
այլայլելով`
իրմէ
դար
մը
վերջը
գրողք
ալ
կը
տարակուսէին,
թէ
ո՞րն
է
ստոյգն,
եւ
չկարցան
մեզի
աւանդել.
նոյնպէս
վերջի
գործոց
շատութիւնն
կամ
շուտութիւնն
ալ՝
թէ՛
իրարու
եւ
թէ՛
ժամանակի
շփոթութեանց
առիթ
եղած
է.
կամ
լաւ
եւս
ըսելով,
մերձաւոր
ժամանակակից
պատմագիր
եւ
տարեգիր
մը
չըլլալով՝
կարգաւ
եւ
թուականաւ
աւանդուած
չեն
գործերն,
եւ
շատ
բան
անյիշատակ
թողուած
եւ
թաղուած
է։
՚Ի
վերայ
այսր
ամենայնի՝
դեռ
շատ
բան
ալ
զանազան
ազգաց
պատմիչք
հարեւանցի
յիշատակեր
են.
յորոց
քաղելով
եւ
ընտրելով
կը
համառօտենք,
որչափ
որ
մեր
նպատակին
պատշաճ
դատինք։
Ռուբինեանց
իշխանութիւնն
գրեթէ
բոլորովին
ջնջուած
էր
Թորոսի
գերութեան
ատեն.
Յոյնք,
Թուրքք
եւ
Լատինք
գրաւեր
էին
Ա
Թորոսի
եւ
իր
եղբօր
Լեւոնի
նուաճած
երկիրները:
Թորոսի
դարձին
առջի
տարիներն
ալ՝
Զանգիի
եւ
Նուրէտտինի
արիւնահեղ
աշխարհակալութեանց
ատենն
էր,
յորում`
Յոյնք
եւ
Լատինք
անգամ
վախի
մէջ
էին։
Անոնց
աղմուկն
եւ
զբաղմունքն
իրեն
օգտակար
եղաւ՝
անյայտօրէն
մտնելու
իր
հարց
սահմանները
[1],
եւ
քիչ
քիչ
նուաճելու։
Իբրեւ
փախստական
եւ
պանդուխտ
մ՚եկած՝
առանց
ընկերի
եւ
օգնականի,
միայն
զինքը
սիրող
Յոյն
տիկնոջ
գանձուց
մէկ
մասն
ունէր
իրեն
ապրուստ
եւ
ճար,
որով
նախ
նաւեց
ելաւ
՚ի
Կիպրոս,
անտի
մտաւ
՚ի
Կիւլիկիա,
քահանայի
մը
յայտնեց
զինքը,
որ
ատեն
մը
քովը
պահեց
իբրեւ
ծառայ
կամ
հովիւ.
յետոյ
Ասորի
մետրապօլտի
մը
(Աթանաս
անուամբ)
յայտնեց,
իմանալով
անոր
հաւատարմութիւնը.
որ
եւ
իրեն
ձի
մը
տուաւ,
12
ալ
ընկեր.
որոց
օգնութեամբ,
յայտ
է
թէ
եւ
խաբէական
հնարքներով,
Թորոս
կըրցաւ
Ամուտա
ամրոցը
մտնել
եւ
տիրել
(1145),
եւ
անոր
վրայ
իր
հայկական
եւ
հայրենական
դրօշը
բարձրացընել.
ու
մեծ
ալէկոծութեամբ
ընկղմեալ
նաւու
մը
մէկ
հատիկ
ջրէ
զերծ
մնացած
նշանակիր
կայմի
պէս՝
երեւցընել
հաւատարիմ
ազգակցացը,
՚ի
զարմանս
թշնամեաց
եւ
ընտանեաց։
Համբաւն
տեսութենէն
աւելի
տարածուելով՝
փութացան
կտրիճք
ժողովելու
առ
պայազատն
Ռուբինի,
որոց
առաջինք
եղան
իր
երկու
եղբարքն
Ստեփանէ
եւ
Մլեհ,
թողլով
զՆուրէտտին,
որոյ
քով
էին
կամաւ
կամ
ակամայ՝
քիչ
քիչ
բազմացան
հայրենոգիք
եւ
յունատեացք,
ինչուան
10000
հոգւոյ
գունդ
մը
ձեւացաւ
երեք
եղբարց
քով:
Զօրաց
շատնալուն
համեմատ
Թորոս
ալ
կ՚ընդարձակէր
շարժմունքը
եւ
յարձակմունքը
եւ
առաջին
ձեռքն
ձգած
տեղերէն
մէկն
ալ
եղաւ
Վահկա
բերդն,
իր
նախնեաց
նախնի
ստացուածն,
յետոյ
Սիմանակլայ
եւ
Առիւծ
ըսուած
բերդերն.
կամաց
կամաց
լեռներէն
բերդերէն
իջնելով
սկսան
Հայք
դաշտային
քաղաքաց
վրայ
յարձըկիլ,
եւ
մէկ
մէկ
նուաճել
երբեմն
Լեւոնի
իշխանութեան
տակ
եղածները։
Այս
կերպով
քանի
մը
տարիէն
հռչակեցաւ
Թորոսի
անունն.
եւ
իմացուեցաւ
որ
նորէն
Հայ
տիրօղ
կամ
բռնաւոր
մը
երեւցեր
է
Կիւլիկիա,
եւ
ով
որ
առանց
անոր
հաշիւ
կ՚ընէ՝
կըրնայ
սխալիլ,
եւ
վտանգուիլ,
ինչպէս
որ
նախ
Թուրքք
փորձեցին։
Երբ
անգամ
մը
Թորոս
միայն
12
հեծելօք
եւ
ջոկատ
մը
հետեւակօք
կերթար
՚ի
Ռապան՝
յայցելութիւն
մեր
նախայիշեալ
Ճոսլինի
(1149-1150),
քանի
որ
սա
դեռ
յիշխանութեան
էր
[2],
բազմութիւն
աւարառու
ասպատակացն
յարձըկեցան,
եւ
կ՚ուզէին
զԹորոս
ալ
ալափել,
բայց
ինքն
եւ
իր
կտրիճներն
պատրաստագոյն
գտուելով՝
ոչ
միայն
զիրենք
պաշտպանեցին՝
այլ
պատերազմի
դաշտ
մը
դարձուցին
տեղը,
3000
Թուրք
թօթափելով։
Այս
գործս
Թորոսի
համբաւոյն
հետ
վախն
ալ
տարածեց
չորս
կողմ,
եւ
երեւան
հանեց
արժանաւոր
յաջորդ
մը
հօրը
եւ
հօրեղբօրը,
եւ
նոր
Հայ
քաջազուն
մը,
«խոհեմ
եւ
զգօն,
եւ
՚ի
կռիւս
յաջողակաձեռն,
տեսովն
թխամորթ,
երկայն
եւ
գեղեցիկ,
ահարկու
եւ
գանգրահեր.
եւ
լի
անայն
շնորհօք»,
ինչպէս
կ՚ըսէ
Սմբատ
պատմիչ։
Ասով
ինքն
յաջողածն
ալ
աւելի
խրախուսելով՝
յարձակեցաւ
մեծ
եւ
ամուր
քաղաքաց
վրայ,
եւ
առաւ
՚ի
Յունաց
զԹիլն
Համտընոյ
եւ
զՄսիս
(Մամեստիա)։
Այս
ետքի
քաղաքին
մէջ
կը
նստէին
այն
ատեն
Յունաց
կայսեր
երեսփոխան
կուսակալք
Կիւլիկիոյ,
դուքս
պատուանուամբ,
եւ
ամեն
տարի
կը
փոխուէին.
այս
տարուան
(1151)
դուքսն
էր
Թովմաս
անուամբ
մէկն,
զոր
գերի
բռնեց
Թորոս,
ուրիշ
ազնուականներով.
յարմար
միջոց
գըտնելով՝
կայսեր
զբաղմունքը
Սիկիլիոյ
եւ
Դանուբայ
կողմերը,
Նուրէտտինայ
ալ
արշաւանքը
յերկիրն
Ճոսլինի
եւ
զսա
բռնելը։
Ասով
Թորոս
գրեթէ
հօրը
բոլոր
ժառանգութիւնը
ձեոք
առաւ
եւ
աւելի
ալ
ընդարձակել
սկսած
էր,
երբ
կայսրն
Մանուէլ
դարձաւ
՚ի
կողմանց
Ունկարաց,
եւ
լսելով
եղածը՝
իր
անխոհեմ
հօրեղբօրորդին
Անդրոնիկոսը
կեսար
անուանելով՝
մեծ
գնդով
զօրաց
խաւրեց
՚ի
Կիւլիկիա,
նուաճելու
զերկիրը
եւ
աւելի
զԹորոս
(1152)։
Իսկ
սա
տեսնելով
թշնամեաց
բազմութիը՝
խոհեմութիւն
սեպեց
պաշտպանուիլը
քան
յարձըկիլը,
եւ
քաշուեցաւ
Մամեստիոյ
մէջ.
զոր
Անդրոնիկոս
քիչ
ատենէն
եկաւ
պաշարեց
իր
մեծ
բանակովը,
զոր
աւելի
մեծցուցեր
էր
Կիւլիկիոյ
մէջ
Յունաց
հաւատարիմ
գտուող
իշխանաց
զօրօք,
nրոց
մէջ
կային
նաեւ
Հայք.
ինչպէս
Նաթանայէլեան
կոչուածքն՝
Ասկուռայ
բերդին
տեարք,
Պապեռօնի
եւ
Բարձրբերդի
տեարքն,
եւ
մեր
նոր
ծանօթացեալ
Լամբրոնի
տէրն
Օշին,
եւ
այլք։
Այսքան
բազմութեան
եւ
պատրաստութեան
դէմ
եթէ
մէկ
կողմէն
յանդըգնիլ
չէր
ըլլար,
ուրիշ
կողմէ
ալ
երկար
պաշարեալ
դիմանալ
չէր
ըլլար,
բաւական
պաշար
եւ
պատրաստութիւն
չունենալով,
անձնատուր
ըլլալն
ալ
անտանելի
էր
Թորոսի.
սկսաւ
կակղութեամբ
եւ
խոնարհութեամբ
բանագնացութիւն
ընել,
ըսելով
թէ
ինքն
ալ
ուրիշ
ազգային
իշխանաց
պէս
յանձն
կ՚առնու
Յունաց
ինքնակալութիւնը
ճանչնալ,
եւ
հաւատարիմ
ըլլալ
կայսեր.
բայց
նա
ալ
ճանչնայ
իր
հարց
իրաւունքը,
եւ
աւռելի
չնեղէ։
Իսկ
գոռոզն
Անդրոնիկոս
ամեն
բանի
մէկ
պատասխան
կու
տար,
թէ
անկարելի
է
Թորոսի
ուրիշ
պայման
դնել,
բայց
եթէ
անձնատուր
ըլլայ,
որ
կապեն
զնա
այն
շղթաներով`
որով
իր
հայրը
կապեր
էին.
«Զերկայն՝
որով
զհայրն
քո
տարաք՝
՚ի
հետ
ունիմք,
որով
զքեզ
կապեալ
տարցուք»:
Այս
կսկծագին
եւ
ամբարտաւան
խօսից
չդիմացաւ
Թորոս.
եւ
առջի
առթին,
որ
անձրեւաթափ
եւ
հողմաշունչ
գիշեր
մ՚եղաւ,
մինչդեռ
Անդրոնիկոս
կատակերգութեանց
եւ
անառակութեանց
զբաղած
էր,
Թորոս
քաղաքին
պարիսպը
ճղքելով՝
զօրքերովը
դուրս
ելաւ
զգուշութեամբ,
եւ
առաւօտուն
դէմ
յանկարծ
Յունաց
բանակին
ետեւն
ընկած՝
սկսաւ
շփոթել, .
քշել
ու
ջարդել.
Յոյնք՝
որ
12,
000-էն
աւելի
Էին,
մեծագոյն
մասամբ
կոտորեցան,
քիչերն
վատ
եւ
չարեացապարտ
Անդրոնիկոսի
հետ
փախան
ինչուան
յԱնտիոք,
մինչ
որոյ
սահմանները
հալածեց
զնա
Թորոս
եւ
դարձաւ
իր
քաղաքը՚ի
Մամեստիա,
ոչ
յաղթութեամբ
միայն,
այլ
եւ
շատ
թանկ
աւարաւ,
եւ
ավելի
թանկ
գերիներով։
Վասն
զի
հասարակ
զինուորները
միայն
կողոպտելով
մերկ
արձըկել
տուաւ,
իսկ
պատուաւորները
կապել
տուաւ,
փոխանակ
իրեն
սպառնացեալ
կապանաց։
Ասոնց
հետ
կային
նաեւ
Հայ
իշխանք,
որոց
քանի
մը
գըլխաւորքն
անօգուտ
քաջութեամբ
կռուելով
սպանուած
էին.
գերելոց
գլխաւորն
էր
Ն.
Շնորհալւոյ
փեսայն
եւ
Ն.
Լամբրոնացւոյ
հայրն՝
Օշին,
որ
եւ
Յունաց
խոհեմագունից
հետ
մահուանէ
աւելի
ամաչելով
այնքան
մեծ
բանակով
այնքան
փոքր
գունդէ
եւ
մէկ
իշխանէ
մը
յաղթուելնուն
վրայ,
խնդրեցին
շուտով
ազատիլ։
Թորոս
ալ
զիրենք
աւելի
զկծելու
համար
թողուց
որ
իրենք
իրենց
գին
կտրեն։
Յոյնք
ագահութեամբ՝
իրեն
թողուցին
որ
արժէքնին
իմացընէ.
Թորոս
ըսաւ,
Եթէ
բան
մ՚արժէիք՝
եւ
ոչ
կը
հաւանէի
զձեզ
թողուլ։
Ասկէ
աւելի
ամըչցած՝
իրենք
իրենց
որոշեցին
ծանր
գիներ,
որ
անձնանախատ
չսեպուին,
եւ
ազատեցան.
բայց
դեռ
չհեռացած՝
տեսան
որ
Թորոս
իրենց
կենաց
գինը
բովանդակ
զօրացը
բաժնեց.
եւ
երբ
կը
զարմանային՝
իմացուց
պատճառը՝
Որպէս
զի
ուրիշ
անգամ
ալ
զձեզ
բռնեն,
ըսաւ,
իմ
զօրքերս.
եւ
յիրաւի
ալ
շատ
տարի
վերջը
նոյնպէս
եղաւ։
Աչա
այս
ատեն
Օշին
ալ
իր
գլխուն
գին
կտրեց
40,
000
ոսկի,
որ
եթե
սովորական
բիւզանդիկ
ոսկին
է՝
կէս
միլիոն
ֆրանգի
մօտ
կ՚ըլլայ.
բոլորը
մէկէն
չկարենալով
հատուցանել
կէսը
տուաւ,
մէկալ
կիսուն
փոխան
գրաւական
դրաւ
իր
ամենէն
թանկ
ստացուածքը,
իր
անդրանիկ
պայազատը,
երախայ
Հեթումը,
որ
այն
ատեն
հազիւ
քանի
մը
տարուան
էր:
Թորոս
գոչութեամբ
ընդունեցաւ
այսպիսի
գրաւ
եւ
պատանդ
մը.
մկըրտել
տուաւ
տղայն,
զի
դեռ
անկնունք
էր,
եւ
իբրեւ
իրեն
որդին
մեծցուց
եւ
տղուն
հասակին
հետ
խելաց
աճումն
եւ
առաւելութիւնն
ալ
տեսնելով՝
աւելի
սիրեց.
միանգամայն
եւ
հաշտութեան
կապը
ապահովել
մտածելով՝
խօսեցաւ
հօրը
հետ,
եւ
իր
դստրիկը
նշանեցին
Հեթմոյ
հետ.
Օշնի
մնացած
20,
000
ոսկւոյ
պարտքն
ալ՝
Թորոս
իր
դստեր
օժիտ
սեպելով՝
խաւրեց
փոքրիկ
հարսն
ու
փեսայն
՚ի
Լամբրոն.
որով
երկու
ծնողք
ալ
գոհ
եղան։
Բայց
իրենց
զաւակաց
գոհութիւնը
ժամանակն
պիտի
ստուգեր.
եւ
ստուգեց
Հեթմոյ
տժգոհութիւնը,
երբ
հասակն
առաւ,
եւ
ճանչցաւ,
որ
քաղաքական
տեսութիւնք
կանխեր
են
քան
զսիրոյն.
եւ
յետ
մահուան
իր
հօրը՝
միայն
Թորոսի
վախէն
էր
որ
հարսը
կը
պահէր.
իսկ
երբ
նա
ալ
մեռաւ,
ուզեց
արձըկել։
Բայց
Թորոսի
եղբայրն
Մլեհ,
վրէժխնդիր
ելաւ,
պաշարեց
նեղեց
զԼամբրոն.
եւ
գուցէ
նորէն
ստիպեցաւ
Հեթում
ընդունել
ըզկինը։
Մանուէլ
կայսր
իր
վարած
զորագնդին
կտորները
տեսնելով,
եւ
լսելով
եղածը՝
անոնց
անխելք
ու
անխիղճ
գլխաւորէն,
որ
իր
(կայսեր)
կենաց
ալ
որոգայթ
կը
լարէր,
բռնեց
բանտեց
զԱնդրոնիկոս.
եւ
Թորոսի
դէմ՝
զօրաւոր
թշնամի`
միանգամայն
եւ
իրեն
շատաւոր,
մտածեց
գտաւ
եւ
հանեց
Իկոնիոյ
Սուլտանը,
Մաղսուտ,
որուն
երբեմն
ինքն
թշնամի
էր,
հիմայ
զԹորոս
ամենէն
աւելի
ատելով՝
շատ
տուրք
խոստացաւ
Մաղսուտի
(1153)
եւ
ասպատակել
տուաւ
Թորոսի
երկիրը։
Մաղսուտ
ժամանակին
ամենէն
հին
եւ
զօրաւոր
իշխողն
էր
այլազգեաց:
1117
թուականէն
ի
վեր
կը
տիրապետէր,
եւ
հայրենական
իշխանութիւնը
շատ
ընդարձակեր
էր,
թէ՛
Լատինաց
եւ
քրիստոնէից
տիրած
երկիրները
նուաճելով,
թէ՛
իր
կրօնակից
Սեբաստիա
Տէնիշմէնտ
իշխողաց.
որոյ
մէկ
երկու
գործերն
ալ
արդէն
յիշած
եմք
[3].
հիմայ
ոչ
այնքան
երկրակալութեան՝
որքան
բիւզանդական
ոսկիներու
փայլմամբ
յորդորուած,
բազմաթիւ
զօրաց
ահեղ
բանակ
մը
շարժեց,
մտաւ
Թորոսի
երկիրը,
Հայք
իրենց
քաջ
եւ
առատաձեռն
իշխանին
վստահ՝
անվախ
ասոր
ետեւէն
գացին,
որ
փութացաւ
Թուրքաց
եկած
կողմը
երթալ.
անոնք
լեռան
մը
ետին
կը
պատէին,
Թորոս
ալ
սկսաւ
լերան
այս
կողմը
պատել։
Զարմացաւ
Մաղսուտ
Հայոց
անհոգութեանը
կամ
արուեստին,
թէ
ինչպէս
պզտի
գունդով
մը
բազմախումբ
բանակի
մը
մօտ
կը
շարժին.
եւ
այս
գեղեցիկ
յանդգնութենէն՝
սըրտանց
յաղթուելով
քան
թէ
անձամբ,
պատգամաւոր
խաւրեց
Թորոսի
եւ
իմացուց,
որ
իր
նպատակն
չէր
ոչ
երկրի
տիրել
եւ
ոչ
մարդ
ջարդել.
այլ
միայն
ստիպել
զՀայս
որ
հնազանդին
եւ
Յունացմէ
առած
երկիրնին
ետ
դարձընեն:
Թորոս
ալ
Մաղսուտի
ըրածին
հաւնեցաւ,
բայց
եւ
նուաստութիւն
մը
չուզեց
ցուցընել.
քանի
մ՚օր
դեսպանները
պահեց,
յետոյ
ինքն
ալ
անոնց
հետ
մարդ
խաւրեց
եւ
իմացուց
որ
Սուլտանին
պէս
մեծասիրտ
թագաւորի
հնազանդիլ
յանձն
կ՚առնուն
Հայք,
«վասն
զի
չես
նախանձիր
ընդ
յառաջանալս
մեր.
այլ
երկիր
դարձընել
՚ի
Հոռոմն՝
անհնար
է»
[4]:
Մաղսուտ
ա՛լ
աւելի
շինուեցաւ
Թօրոսի
քաջութեան
եւ
խելքին
վրայօք
եւ
ակամայ
ատելութիւնը
կամաւոր
սիրոյ
դարձընելով՝
խանղաղութեան
դաշինք
դրաւ
իր
պատուաւոր
դրակցին
հետ
եւ
դարձաւ
տեղը,
մեղադրելով
զկայսրը։
Սակայն
կայսրն
յիշեցընելով
Սուլտանին
իրենց
դաշնակցութիւնը,
զոր
ետ
քսան
եւ
հինգ
տարի
թշնամութեանց՝
հաստատեր
էին,
եւ
որով
Բ
Խաչակրաց
արշաւանքն
ալ
փչացուցեր
էին,
նnրէն
յորդորեց
որ
սա
պզտիկ
արգելքն
ալ
վերցընէ
իրենց
միջէն։
Բայց
կարծածէն
շատ
մեծ
էր
Թորոս՝
քաջութեամբ.
որոյ
հետ
ատելութիւնն
ալ
կ՚աւելնար
Յունաց
անխոհեմութեամբը.
անոր
համար
արթուն
կեցած
եւ
ամեն
դի
լրտես
դրած՝
կը
դիտէր.
եւ
հազիւ
թէ
շարժմունք
մը
տեսաւ
Թուրքաց
սահմանները
(իբրեւ
՚ի
սկիզբն
1154
տարւոյ),
ինքն
ալ
աւելի
չարժմունք
եւ
պատրաստութիւն
ցուցուց,
Սուլտանին
սահմանները
կոխեց
եւ
սկսաւ
աւրըշտըկել։
Այս
անգամ
ալ
Մաղսուտ
զարմացած՝
կանգ
առաւ.
նոյնպէս
եւ
Թորոս
իր
տեղը։
Բայց
երբ
երրորդ
անգամ
աղաչանք
եկաւ
՚ի
կայսերէ,
եւ
անոր
հետ
մեծ
գումար
մ՚nuկւոյ
եւ
ընծայից,
Մաղսուտ
իր
40-ամեայ
իշխանութեան
եւ
զօրութեան
վերջին
փորձը
ուզեց
Թորոսի
վրայ
թափել.
եւ
առջինէն
աւելի
բազմաթիւ
զօրաց
բանակաւ
մտաւ
անոր
երկիրը
(1154),
եւ
հեղեղօրէն
լցուց
դաշտերը,
պատելով
զՄսիս
եւ
զԱնարզաբա.
զորս
չկրնալով
առնուլ
շուտ
մը՝
ինչպէս
կը
յուսար,
եւ
չուզելով
ալ
ուշանալ
անոնց
քով՝
աւելի
զօրաւորին
վրայ
վազեց
եւ
պաշարեց
զԹիլն
Համտընոյ։
Գունդ
մը
զօրաց
ալ՝
3000-էն
աւելի`
տալով
իր
մէկ
փեսային,
Եաղուպ
Մէլիք
անուամբ
«ժանտ
եւ
չարասէր»
մարդու
մը՝
ըստ
Ուռհայեցի
պատմըչին,
դէպ
՚ի
Անտիոքայ
կողմը
արձըկեց։
Երբ
ասոնք
լերանց
պահակէն
կ՚անցնէին,
Անաւարզայէն
անդին,
յանկարծ
Թորոսի
եղբայրն
Ստեփանէ
եւ
Լատինացի
կարգաւոր
ասպետք
իրենց
գունդերովը
վերէն
վար
յարձըկեցան,
գրեթէ
զամենքն
ալ
ջարդեցին,
Եաղուպն
ալ
նիզակաւ
լերդախոց
սպաննեցին,
անոր
սոսկալի
կոռչալովը
արձագանգները
կրկնել
տալով:
Եթէ
ոչ
անոր
կառաչն՝
այլ
իր
գնդին
կոտորածին
աղմուկն
հասաւ
ինչուան
Մաղսուտայ
բանակը,
զամենքն
ապշեցուց
եւ
սոսկացուց
այնպէս
վախ
մ՚ընկաւ
զօրաց
մէջ՝
որ
կարծէին
թէ
իրենցմէ
մեծ
բանակէ
մը
պիտի
պաշարուին.
միայն
փախչել
եւ
ազատել
մտածեցին,
թողլով
ոչ
միայն
իրենց
շատ
կահ
ու
կազմածը,
այլ
եւ
ձիանն
ու
ջորին,
անոնց
ջիղերը
կտրելով.
որովետեւ
ասոնց
վրայ
ձիաստաց
ըսուած
պիծակներու
բազմութիւն
եկած՝
հիւանդութիւն
մը
ձգած
էին
վրանին,
«զոր
ինքեանք
Տապախ
ասէին,
կ'ըսէ
պատմիչն,
յորոց
յոլովք
սատակեցան
քան
թԷ
մնացին»։
Ասոնց
վրայ
աւելցաւ
ամառնային
օդոց
սովորականէ
դուրս
խառնակութիւն
եւ
փոթորիկք.
արդէն
առջի
օրերն
(մայիսի
28-ին)
անանկ
սաստիկ
հով
մ՚եղաւ՝
որ
ծառերը
կը
խլէր,
եւ
այնպիսի
կարկուտ
մը`
որ
արտերը
վնասելէն
զատ՝
զօրաց
բանակն
ալ
տրորեց`
քիչ
ատեն
վերջ
ալ
երեք
օր
երեք
գիշեր
(յունիսի
6–8)
երկինք
միակերպ
ամպապատ
մըթընցած
անդադար
կ՚որոտային
փայլատակէին
եւ
կայծակէին.
«եւ
յամպոցն
բախմանէ
ընդ
իրեարս
որոտալով՝
որպես
լերինք
կարծր
եւ
անդամանդեայք՝
բախելով
զմիմեանս.
եւ
հրաձգութիւնք
կայծականց
ունէր
զծիր
երկնից,
ոչ
գոլով
տեղի
յերկինս՝
որ
ոչ
ունէր
զփայլատակունս
հողմախառն.
եւ
ո՞վ
էր
բաւական
հայել
աչօք
իւրովք
յահաւոր
դղրդմունքն՝
որ
լինէին
անդադար»։
Եթէ
բնակիչք
երկրին
ահաբեկ
եղան,
ո՛րքան
եւս
առաւել
անոնց
վրայ
եկող
թշնամիք,
որք
եւ
մարդկանցմէ
ահաւոր
եւ
զօրաւոր
թշնամի
տեսնելով
զտարերս՝
աւելի
շուտով
կը
հեռանային,
եւ
շատերն
շիտակ
ճամբէն
ալ
մոլորելով՝
իրենք
զիրենք
վնասեցին.
մինչդեռ
Թորոսեանք
անոնց
շփոթութիւնը
տեսնելով՝
անշփոթաբար
անոնց
երկրին
մէկ
ուրիշ
կողմը
[5]
ասպատակ
սփռեր
էին,
եւ
իրենց
բերած
աւարներէն
աւելին
գտան
Թիլ
Համտընոյ
քով
թողած։
Այս
բանս
իրար
հրաշախառն
աստուածային
այցելութիւն
մը
կը
համարի
պատմիչն.
եւ
տեսաք
աչօք
մերովք,
կըսէ,
երկիցս
«անգամ
շարժեալ
զԹուրքաստանն
ամենայն
՚ի
վերայ
Թորոսի
եւ
զօրաց
իւրոց.
եւ
ոչինչ
կարացեալ
առնել
եկեղեցեացն,
զոր
բազում
պատուէր
առեալ
էին
՚ի
թագաւորէն
Յունաց՝
յաճիւն
դարձուցանել.
արդ
սոցա
(Հայոց)
մնալով
խաղաղութեամբ,
եւ
նոքա
գնացին
փախստեամբ
եւ
մեծաւ
ամօթով»:
—
Այսպէս
անակնկալ
յաջողությամբ
բարձրացաւ
Թորոս,
եւ
նոյնպէս
ձախողութեամբ
նուաստացա
Մաղսուտ,
եւ
հասակաւ
ու
յօգնությամբ
ծանրացեալ՝
տասն
ամսէն
ետեւ
մեռաւ
(1155).
բայց
յառաջ
քան
զմահն՝
իր
յաջորդ
որդւոյն
Խլիճ-Արսլանի
ձեռքով
Թորոսի
հետ
հաշտութեան
պայման
դրաւ.
զինքը
ապահովցուց,
զկայսրն
ամօթով
եւ
տրտմութեամբ
մահացուց։
Մանուէլ
երկրորդ
անգամ
խաբուելով,
եւ
չկարնալով
ըստ
փափագանացն
անձամբ
գալ
Թորոսի
վրայ,
ուրիչ
թշնամի
փնտռեց,
եւ
թէ
ոչ
աւելի
բազմաթիւ՝
այլ
աւելի
բազմակիրթ
զօրք,
եւ
աւելի
մերձաւորք.
գրգռեց
իր
երեսփոխան
Ալեքսիս
Կիֆարտի
ձեռքով
զՓռանկս
Անտիոքայ
եւ
անոնց
ընկերները։
Այն
ատեններն
այս
տեղի
Բրինձն
Պեմունդ
Գ՝
դեռ
անկատար
հասակաւ
տղայ
ըլլալով`
իր
հօրուն
Ռենալտ
կոմսն
Քարաքայ
(Կրակայ),
(Renaud
de
Chatillon)
տէրութեան
յանձանձիչ
եւ
կառավար
էր.
փառասէր
եւ
անհանդարտ
մարդ
մը,
որ
աղէկ
կաշառքի
յուսով՝
ճարտարութեամբ
իրեն
հետ
միաբանեց
Տաճարական
ասպետներն
ալ,
եւ
ամենեւին
չկարծուած
արշաւանքն
ըրաւ
(1154–5)
՚ի
կալուածս
Թորոսի։
Սա
անպատրաստ
գտնուելով
այսպիսի
յարձակման
մը՝
ստիպեցաւ
ամուր
տեղուանք
քաշուիլ
ինչուան
որ
զօրքերը
ժողվեց,
եւ
Ալեքսանդրիոյ
(Իսկէնտէրուն)
քով
սաստիկ
զարնուեցան
իրարու,
երկու
կողմէն
ալ
շատ
արիւն
թափելով:
Ռընալտ
մինակ
չյուսալով
պատերազմը
առաջ
տանիլ՝
զօրակարգ
ասպետները
յօգնութիւն
կանչեց,
որք
առթի
կը
սպասէին
քանի
մ՚ամուր
տեղուանք
խլելու։
Թորոս
պատկառելով
ասպետաց
քաջութենէն
եւ
հմտութենէն,
որոց
հետ
միաբաներ
էին
ամեն
հաւատարիմքն
եւ
վախցողքն
՚ի
Յունաց,
գէթ
ասոնցմէ
ապահովուելու
համար՝
քանի
մը
բերդ
տուաւ
անոնց՝
Անտիոքայ
սահմանաց
վրայ՝
եւ
հեռացուց։
Ռընալտ
ալ
մինակ
նոր
փորձ
մը
չըրած՝
ուզեց
նախ
իրեն
խոստացուած
կաշառքը
ապահովել,
եւ
տեսնելով
որ
Յոյնք
կ՚ուշանան
տալու,
կամ
պիտի
չտան,
եւ
յետոյ
Թորոսն
ալ
իրեն
թշնամի
եւ
վրէժխնդիր
պիտի
ունենայ,
ասոր
հետ
հաշտութիւն
ընելու
փութացաւ.
միանգամայն
եւ
նիզակակցելու
ընդդէմ
Յունաց,
որոց
արդէն
թշնամի
էր
Թորոս։
Եւ
ինքն
իրաւ
եւ
անիրաւ
շահասիրութեամբ
նաւեր
պատրաստեց
եւ
հինաբար
մտաւ
՚ի
Կիպրոս
(1155),
որ
այն
ատեն
դեռ
Յունաց
ձեռքն
էր,
եւ
ամենեւին
անկասկած,
իբրեւ
յանցաւորաց
եւ
չարագործաց
վրայ
ընկնալով՝
շէն
ու
անշէն
աւրեց.
թալնեց,
եւ
անխտիր
ամեն
կարգի,
վիճակի
եւ
սեռի
անձանց
վնաս,
չարիք
ու
տանջանք
տուաւ,
շատերուն
քիթն,
ականջն
ձեռուընին
ալ
կտրելով.
եւ
անվայել
ու
անշահ
աւարով
ետ
դարձաւ.
«զոր
երբ
լսեց
թագաւորն
Յունաց
Մանիլն՝
բարկացաւ
յոյժ.
այլ
առ
ժամն
իրք
չկարաց
առնել»
[6]
։
Թորոս
համարձակ
տիրեց
բոլոր
Կիւլիկիոյ
դաշտաց
եւ
գլխաւոր
քաղաքացն՝
Տարսոնի,
Մսսայ ,
Անարզաբայ,
Ատանայ,
Սսոյ,
եւ
այլն
եւ
անկէ
դուրս
լեռնակողմանց
Փռիւգիոյ
եւ
Իսաւրիոյ։
Ապա
արեւմուտքէն
յարեւելս
դարձուց
իր
զէնքերը
ընդդէմ
Նուրէտտինի`
Հալպայ
սուլթանին .
«Բազում
տեղիս
եւ
ամրոցս
առեալ
քանդեաց,
եւ
յաղթութեամբ
բազմաւ
դարձաւ
ի
բնակութիւն
իւր»,
կ՚ըսէ
նոյն
օրերը
(1155)
գրոց
ընդօրինակող
մը
կարեւոր
յիշատակարանին
մէջ։
Ի
հարկէ
շատ
երկար
չէր
կըրնար
անգործ
մնալ
Մանուէլ
կայսր
այսքան
կորըստեանց
եւ
ամօթոց
վրայ.
նորանոր
զօրավարներ
եւ
իշխաններ
խաւրեց
՚ի
միջոցի
1155—6
տարւոյն.
նախ
Միքայէլ
Պրանաս
անուամբ
մէկը,
որ
Կիպրոսի
կողմնակալ
էր.
որ
առջինէն
աւելի
բաղդաւոր
չեղաւ,
այլ
Թորոսի
ոյժը
աւելի
ամրացուց՝
ջըրի
մըխուած
երկաթի
պէս։
Զնոյն
ըրաւ
իրմէ
վերջը
եւ
մեծ
իշխանն
Անդրոնիկոս
Եւփորպեն
կայսեր
ընտանին,
որ
Տարսոնը
առնուլ
կը
ջանար։
Թորոս՝
իր
նոր
դաշնակից
Փռանկաց
գունդ
մ՚ալ
հետն
առած՝
ընկաւ
Յունաց
վրայ,
3000
մարդ
կոտրեց.
մնացեալներն
հազիւ
կըրցան
փախչիլ
՚ի
ծովեզր,
եւ
նաւերնին
մտնելով՝
հեռանալ։
Անդրոնիկոս
աւելի
դանդաղ
գտուեցաւ,
եւ
Թորոսի
շղթայից
ծանրութիւնը
պիտի
կրէր,
եթԷ
իրեն
միջնորդ
չգտնէր
Երուսաղէմի
երիտասարդ
թագաւորը,
Պալտուին
Գ.,
որ
կայսեր
փեսայութեան
կը
պատրաստուէր.
սա
ազատեց
իր
խնամին,
եւ
թողուց
որ
ամօթապարտ
դառնայ
առ
կայսրն։
Վերջապէս
Մանուէլ
տեսնելով՝
որ
օտարաց
ձեռքով
իր
ամեն
ըրած
փորձերն
ընդդէմ
Թորոսի՝
անոր
փառք
եւ
իրեն
վնասակար
եղան,
անձամբ
ելաւ
վրէժն
առնըլու:
Սիկիլիացւոց
հետ
կռիւը
դադրեցուց,
հաշտութիւն
կնքեց
անոնց
(Գուլիելմոս
Ա.
)
թագաւորին
հետ,
եւ
մօտ
ձմերան
1158
տարւոյ
մեծ
նաւատորմղաւ
եւ
մեծագոյն
գնդօք
ելաւ
եկաւ
յափունս
Պամփիւլիոյ
եւ
լաւ
գիտնալով,
որ
խաբէութիւնն
աւելի
յաջողակ
պիտի
ըլլայ
քան
պատերազմն,
զօրաց
բազմութիւնը
թողուց
յԱտալիա,
որպէս
թէ
Թուրքաց
դէմ
պիտի
երթան.
եւ
ինքը
քիչ
զօրօք
սկսաւ
ծովեզերքէն
յառաջ
գալ:
Սելեւկիոյ
Կասսիան
կուսակալին
ալ
ծածուկ
իմաց
տուաւ,
որ
պատրաստէ
տեղւոյն
կտրիճները՝
որոնք
աւելի
վարժ
էին
Հայոց
հետ
կռուելու։
Բայց
երբ
հօն
հասաւ՝
անպատրաստ
գտնելով
կարծածը,
եւ
իր
ձիերն
ալ
հիւանդութենէ
բռնուելով՝
միայն
հետեւակօք
եւ
500
ամենէն
կտրիճներով
շուտ
շուտ
յառաջելով՝
մօտեցաւ
Տարսոնի,
ուր
այն
ատեն
անկասկած
նստէր
Թորոս.
եւ
թերեւս
կայսեր
ձեռք
ալ
ընկնար,
եթէ
բաղդով
Լատին
ճամբորդ
ուխտաւոր
մը
չիմացընէր
իրեն՝
Յունաց
գալը։
Թորոս
քովը
բաւական
մարդ
չունենալով՝
մէկէն
թողուց
քաղաքը
եւ
քաշուեցաւ
յամրութիւնս
լերանց.
ընտանիքը
եւ
գանձը
ապահովեց
Տաճկի–քար
ըսուած
անառիկ
եւ
ամայի
բերդ
մը՝
ինքն
ձիաւորօքը
տեղէ
տեղ
կը
փոփոխէր,
հետն
ընկեր
ունենալով
իր
աները
Թովմաս,
եւ
Գորդ
կամ
Կորկաս
անուամբ
կտրիճ
մը։
Իմացաւ
Մանուէլ
խաբուիլը,
եւ
շուտ
մը
կանչել
տուաւ
զօրքերը
յԱտալիայէ,
եւ
սփռեց
՚ի
Կիւլիկիա,
նուաճեց
զԱնաւարզա
եւ
ուրիշ
քաղաքներ.
Տարսոնի
վրայ
ալ
գունդ
մը
զօրաց
թողուց
՚ի
ձեռն
Թէոդորոսի
Վատասի։
Հայք
կարծելով
թէ
կայսրն
բոլոր
բանակաւ
պատեր
է
զքաղաքը՝
յուսահատեցան.
մէջերնէն
որոնք
որ
կը
վախէին
Յունաց
անգըթութենէն՝
իրենք
զիրենք
աշտարակներէ
եւ
պարիսպներէ
վար
ձգեցին.
մէկալներն
բացին
քաղքին
դռները,
եւ
ընդունեցան
զՅոյնս,
ուր
յետոյ
եկաւ
եւ
կայսրն
եւ
ձմերեց։
Յաջորդ
յարմար
եղանակին
պաշարեց
յերկար
եւ
առաւ
զՄամեստիա։
Հօս
ներկայացաւ
իրեն
Անտիոքայ
իշխանն
Ռընալտ
վատ
եւ
խղճալի
կերպարանօք՝
որովհետեւ
ոչ
միայն
Յունաց
առջեւ
յանցաւոր
էր,
այլեւ
իր
քաղաքացեաց
եւ
անոնց
պատրիարքին,
զոր
անարգօրէն
չարչարեր
էր,
եկեղեցւոյ
սպասները
կողոպտելու
համար.
ուստի
հիմայ
անճար
եւ
անյոյս՝
ճգնաւորի
զգեստ
հագած,
գլխիբաց
եւ
բոպիկ.
վիզը
չուան
ձգած ,
ինքն
զենք
մահապարտ
վճռած,
բոլոր
Մամեստիոյ
մէջ
պտըտելէն
ետեւ,
եկաւ
ընկաւ
կայսեր
ոտքը՝
մերկ
սուր
մը
մատուցանելով
անոր,
իբր
թէ
թոյլ
կու
տար
որ
ըստ
արժանւոյն՝
գլուխն
կտրուի.
գունդ
մը
կրօնաւորաց
ալ
նոյնպէս
գլխիբաց
եւ
բոպիկ՝
՚ի
ծունկ
ընկած
կայսեր
գթութեան
կապաւինէին։
Բաւական
սեպեց
նա
այսքան
խայտառակութիւնը,
եւ
թողութիւն
տուաւ`
պահանջելով,
որ
Անտիոքացիք
ընդունին
Յոյն
պատրիարք
մ՚ալ,
եւ
երբ
որ
կայսրն
ուզէ՝
խաւրեն
գունդ
մը
օգնական
զօրաց։
Փռանկաց
եւ
Լատինաց
շատ
ծանր
էր
այսպիսի
նախատինք
մը,
բայց
պատճառողն
ալ
իրենցմէ
էր։
Անկէց
քիչ
պակաս
ամօթալի
չէր
թերեւս
Երուսաղէմի
թագաւորին
ջանքն,
որ
կուզէր
խլել
զԱնտիոք
՚ի
Ռընալտայ.
բայց
Մանուէլ
յանձն
չառաւ
անոր
թողուլ
այնպիսի
մեծ
աւար
մը,
զոր
ինքն
հազիւ
ձեռք
ձգեր
էր։
Պալտուին
ոչ
միայն
ակնկալութիւնը
կորուս,
այլ
Ռընալտա
բարեկամութիւնն
ալ
կորուսանելու
վտանգի
մէջ
դրաւ
զինքը.
եւ
վստահանալու
օգնական
մ՚ունենալու
համար
ալ
յիշեց
զԹորոս,
որոյ
դէմ
կը
պատրաստուէր
կայսրն.
խոստացաւ
որ
ինքը
առանց
պատերազմի
բերէ
զնա
իրեն
հնազանդութեան,
եւ
թողութեան
խոստումն
առնըլով՝
փութացաւ
փնտռեց
գտաւ
զԹորոս.
յորդորեց
վստահացուց
կայսեր
հետ
հաշտուելու,
եւ
անոր
հաւանութեամբ
նորէն
իր
նուաճած
երկիրներուն
տիրելու։
Այս
բանիս
միջնորդ
եւ
աղաչաւոր
եղան
նաեւ
Անտիոքայ
լատին
պատրիարքն
(Ամաւրի),
իշխանք,
զինուորակարգ
Ասպետք,
եւ
մանաւանդ
Հիւրընկալաց
(Hospitaliers)
կարգապետն
Ռեմունդ
Տէ
Բոտիոյ,
վասն
զի
ամենքն
ալ
մեծ
սէր
եւ
համարմունք
ունէին
անոր
վրայ։
Յանձն
առաւ
Թորոս
ալ.
տեսնելով
որ
ամենքն
ալ
միաբանած
են
կայսեր
հետ,
եւ
իր
մեծագոյն
բարեկամն
թագաւորն
Երուսաղէմի
ալ
փեսայացեր
է
անոր,
եւ
անկարելի
է
այնքան
բազմութեան
զօրաց
դէմ
կենալ,
բայց
եթէ
լերանց
մէջ
ծածկուելով։
Եկաւ
բայց
ոչ
Ռընալտի
խայտառակ
ձեւովը.
խոստացաւ
հաւատարիմ
ըլլալ
կայսեր:
Մանուէլ
առջի
բերան
պաղ
հաւանութիւն
մը
ցուցուց,
եւ
չուզեց
մէկալ
իշխանաց
հետ
իր
սեղանին
ընդունիլ
զԹորոս.
բայց
շատ
հաւնեցաւ
անոր
կերպին
եւ
խօսուածքին
եւ
կտրիճ
կերպարանաց.
կամաց
կամաց
ընտանութիւն
ցուցուց։
Թորոս
ալ
խնդրեց
որ
հարկաւոր
բանի
մը
համար
երթայ
իր
ընտանեաց
քով
եւ
դառնայ.
եւ
հաւանութեամբ
կայսեր
գնաց.
ու
քիչ
ատենէն
դառնալով՝
անոր
զօրաց
համար
առատ
պաշար
բերաւ,
ոչխար
եւ
արջառ,
եւ
ընծայ՝
ընտիր
ձիան։
Ասով
ավելի
որսաց
կայսեր
սիրտը,
որ
եւ
փոխարէն
արքայապէս
պարգեւեց
զԹորոս,
անուանելով
զնա
եւ
Պանսեբաստոս,
եւ
ոսկէկնիք
հրովարտակաւ
առջինէն
աւելի
երկիրներու
վրայ
իշխանութիւն
տուաւ,
իբրեւ
կայսերական
կուսակալի,
միայն
Անաւարզա .
քաղաքն
իրեն
պահեց
կայսր,
Յոյն
պահապան
իշխան
մը
դնելով
հօն։
Ապա
ամենայն
պետք
եւ
իշխանք
մեծ
հանդիսիւ
մտան
ընդ
կայսեր
եւ
ընդ
Թորոսի
յԱնտիոք,
(12
ապրիլի
1159)։
Այս
առթիս
համար
կ'ըսէ
վիպասանն
Վահրամ.
«Ի
յԱնտիոք
կայսրըն
երթեալ,
Զմեծըն
Թորոս
ըզՀետ
կոչեալ.
Որ
քաջութեան
գործըս
ցուցեալ,
Զամենեսեան
հիացուցեալ»:
Այս
քաջութեան
գործն
երեւի
թէ
եղաւ
Նուրէտտինի
դէմ
կիսակատար
արշաւանաց
մէջ։
Վասն
զի
երբ
այսպէս
միաբանեցան
Յոյնք,
Լատինք
եւ
Հայք,
ամեն
իշխանք
եւ
ասպետք
զինակարգք,
սկըսան
աղաչել
կայսեր՝
որ
ըստ
խոստմանն
կամ՝
համբաւոյն՝
առանց
տնտընալու
երթան
քրիստոնէից
եւ
հասարակաց
ամենէն
հզօր
թշնամւոյն
դէմ,
որ
էր
Հալպայ
եւ
Դամասկոսի
տէր
անուանի
Նուրէտտին։
կայսրն
ալ
մեծ
յօժարութիւն
եւ
հաւանութիւն
ցուցուց
(գոնէ
դրսուանց).
եւ
շուտ
պատրաստութեամբ
ճամբայ
ընկան
դէպ
՚ի
Հալէպ
երթալու,
իբրեւ
անտարակոյս
յաղթանակի
եւ
Հանդիսի
երթալով.
այնքան
մեծ
էր
ուրախութիւննին.
եւ
տասն
տարի
առաջ
Մանուէլի
նենգութեամբ
Խաչակրաց
անօգուտ
արշաւանքը՝
հիմայ
նորէն
իրեն
ձեռքով
արդիւնաւորել
կը
յուսային։
Յիրաւի
վախցաւ
Նուրէտտին
անոնց
միաբանութենէն,
բազմութենէն
եւ
երագութենէն,
որով
ինչուան
օրուան
մը
ճամբայ
մօտեցեր
էին
Հալպայ.
դեսպան
խաւրեց
կայսեր,
խոստանալով
10,
000
գերեալ
քրիստոնեաները
արձըկել.
եւ
մէկէն
ալ
անոնց
մէկ
մասը
եւ
գլխաւորները,
Տաճարական
Ասպետաց
կարգապետը
եւ
ուրիշներ՝
արձըկեց։
Դաշնակիցք
յանձն
չառին,
եւ
կ՚աղաչէին
կայսեր
որ
չհաւանի,
մինչեւ
որ
Նուրէտտին
քրիստոնէից
երկիրները
ետ
տայ,
եւ
կամ
պատերազմի
ելնէ:
Մինչ
այսպիսի
յաջող
առթիւ
մեծ
յուսոյ
մէջ
էին,
յանկարծ
ստիպողական
լուր
հասաւ
կայսեր,
թէ
մայրաքաղաքին
մէջ
մեծ
շփոթութեան
վախ
կայ,
պէտք
է
շուտով
դառնայ
հօն,
-
շատերն
կարծեցին
որ
սուտ
է
այս
լուրu
եւ
կայսեր
հնարքն
է.
-
կ՚աղաչէին,
որ
գոնէ
երեք
օր
ալ
համբերէ,
մինչեւ
յարձըկին
եւ
առնուն
զՀալէպ։
Բայց
կայսրն
իր
դարձն
ուշացընելն
ամենեւին
անկարելի
սեպելով,
բանակին
գլուխը
յետ
շարժեց.
Նուրէտտինի
հետ
հաշտութեան
դաշինք
դրաւ,
որով
գերիներուն
մէկ
մասն
ալ
անոր
ձեռքը
մնաց,
եւ
փութացաւ
ցամաքով
դառնալու
է
Կ.
Պոլիս։
Աւելորդ
է
ըսել
դաշնակցեալ
քրիստոնէից
տխրութիւնը
եւ
վհատութիւնը.
շատերն
չէին
կըրնար
մեկնութիւն
մը
տալ
այս
յանկարծական
փոփոխման
եւ
ստիպողական
դարձին.
մենք
ալ
կ՚ըսէ
մեր
ժամանակակից
պատմիչն
Ուռհայեցի.
«ոչ
կարացաք
՚ի
վերայ
հասանել
պատճառին.
(այլ)
որպէս
եւ
եղեւ
(էր)
գործ
սատանայի:
Բայց
ստուգիւ
այս
էր
պատճառն,
որ
լուր
զԲրինձն
(
Անտիոքայ)
հաւանեցոյց ,
եւ
զԹորոսի
խլած
երկիրն
դարձոյց.
եւ
զայն
բաւական
համարեցաւ
իւր
յաղթութիւն…։
Զի
թէ
վասն
քրիստոնէից
էր
եկեալ՝
եօթնամսեան
ժամանակաւ
ոչ
էր
՚ի
Մսիս
յամեալ:
…
Ապա
՚ի
խորհուրդ
մտեալ
…
ազգն
Հոռոմոց՝
ասելով
ընդ
թագաւորն
իւրեանց,
Մի՛
լսեր
Հայոց
եւ
Ֆռանկաց,
փութացիր
երթալ
յաթոռն
քո,
եւ
դարձեալ
եկեսցես։
…
Դարձան
անհամար
բազմութեամբն,
փոխանակ
զօրեղ
առիւծոյ՝
իբրեւ
զաղուէս
տըկար,
եւ
որպէս
զփախստականք
գային
հասանէին
յերկիրն
Խլիճ
Ասլան
Սուլտանին»,
որոյ
հետ
խաղաղութեան
դաշինք
դրած
էր
կայսրն,
բայց
իր
երկրին
մէջ
բնակող
«վատ
եւ
աներեւակ
ազդ
Թուրքմանաց՝
կոտորեցին
՚ի
Հոռոմոց
արս
12,
000.
սպանեալ
եւ
զաներ
թագաւորին
(Մանուէլի),
առեալ
ձիս
եւ
ջորիս
20,
000.
վասն
որոյ
յոլով
խռովութիւն
եղեւ
ընդ
թագաւորն
Յունաց
եւ
ընդ
Սուլտանն
Խլիճ
Ասլանն»։
Ամեն
իշխանք
եւ
տեարք
կողմանցս
այլ
խռովեցան
Մանուէլի
ըրածին.
եւ
թուի
թէ
աւելի
քան
զայլս՝
մերն
Թորոս,
որ
երբ
իբրեւ
յուղարկ
կայսեր
կ՚երթար
մինչեւ
Անաւարզա,
եւ
հօն
բանակէին,
գիշերանց
իրեն
մարդիկն
առաւ:
Հեռացավ
գնաց
իր
ամուր
Վահկայ
բերդը.
«
ԶԻ
կամ
արքայ
չար
ինչ
խորհեալ՝
Եւ
ոք
նըմա
զայն
ծանուցեալ,
Եւ
կամ
թէ
ինքըն
զարհուրեալ՝
Զի
մի
լիցի
ըզհետ
երթեալ:
Էմմանուէլն
անդրէն
դարձեալ,
Եւ
անվրդով
Թորոս
կացեալ.
Որ
քաջապէս
նա
յարձակեալ,
ԶԱնարզաբա
կրկին
կալեալ
»։
Վահրամ՝
որ
զայս
վիպասանէ՝
առանց
ժամանակագրութեան,
Թորոսի
գործոց
սկիզբը
կը
դնէ,
որպէս
թէ
Անդրոնիկոսի
եւ
Օշնի
հետ
պատերազմէն
առաջ.
սակայն
գիտեմ,
որ
Մանուէլի
գալն
եւ
դէպքն
յետոյ
եղան,
ինչպէս
որ
վերը
նշեցինք։
Սակայն
պատմիչք
այս
ալ
կըսեն,
որ
յետ
հաշտութեանն՝
Թորոս
հաւատարիմ
մնաց
կայսեր.
երեւի
թէ
ոչ
ընտանութիւն
ցուցուց
եւ
ոչ
թշնամութիւն,
այլ
շրջահայեաց
զգուշութիւն.
ինչուան
որ
պատճառաւ
մահուան
իր
եղբօրն
Ստեփանէի՝
նորէն
կռիւ
ծագեցաւ,
եւ
անկէ
ետեւ
Անդրոնիկոսի
նոր
խակագործութեանց
համար,
ինչպէս
պիտի
տեսնենք
քիչ
մը
վերջը,
եւ
այն
ատեն
Թորոս
Անաւարզայ
ալ
տիրեց,
Մամեստիոյ
ալ։
Ստեփանէն
յիշելով՝
մեր
պատմութիւնն
ըստ
կարի
ամբողջացընելու,
եւ
Թորոսի
գործոց
եւ
փառաց
արժանաւոր
պսակող
եւ
պսակեալ
Լեւոնի
հայրն
ալ
ծանօթացընելու
համար,
արժան
համարիմ
վերջի
յիշած
դիպուածներէն
քիչ
առաջ՝
անոր
ըրածներն
ալ
յիշելու։
Ա
Լեւոնի
ամեն
որդիքն
ալ
կտրիճ
եւ
տաքարիւն
կորիւններ
էին,
եւ
երբեմն
քաջութենէ
անդին
անցան
նենգութեան
եւ
անգթութեան
գործովք.
մէկ
մեծ
եղբայրնին
Ռուբէն՝
հօրը
եւ
Թորոսի
հետ
գերուելով
՚ի
Կ.
Պոլիս,
եւ
հօն
կարգէ
դուրս
ուժոյ
փորձեր
ցուցընելով
կայսերական
տան
առջեւ՝
անոնց
նախանձովը
նախ
աչաց
լուսէն
զրկեցաւ,
յետոյ
տրտմութեամբ՝
եւ
՚ի
լուսոյ
կենաց:
Երկրորդ
եղբայրնին
էր
ծանօթ
քաջն
Թորոս.
երրորդն
Ստեփանէ,
նոյնպէս
կտրիճ,
այլ
պակաս
խոհեմութեամբ
եւ
ազնուութեամբ.
վերջինն
Մլեհ՝
շատ
աւելի
պակաս՝
՚ի
զգօնութենէ
եւ
՚ի
հաւատարմութենէ՝
առ
մարդ
եւ
առ
Աստուած,
բազկաց
եւ
սրտին
ոյժը՝
իշխանասիրութեամբ,
բռնութեամբ
եւ
բռնաբարութեամբ
արատեց.
Տաճարականաց
կարգը
մանելով՝
եղաւ
քաջ
ասպետ,
այլ
յետոյ
ուրացաւ
զկարգն
ալ,
հաւատքն
ալ.
վերջապէս
յետ
մահուան
Թորոսի
բռնութեամբ
տիրելով
իր
ազգայնոց՝
անոնցմէ
ալ
սպանուեցաւ։
Ստեփանէ
այնպէս
ապականեալ
սիրտ
չուներ,
այլ
եւ
ոչ
միշտ
առողջ
գլուխ.
առջի
տարիները
կ'օգնէր
աւագ
եղբօրը՝
Թորոսի,
ինչուան
որ
սա
հաստատեցաւ
յիշխանութեանն,
Մաղսուտ
սուլտանին
ջանքերը
պարապ
հանելով
եւ
անոր
որդւոյն
Խլիճ
Ասլանին
հետ
հաշտութեան
պայման
դնելով։
Թուի
թէ
Ստեփանէի
հաճոյ
չերեւցաւ
այլազգեաց
հետ
հաշտուլն.
Եդեսիոյ
առման
ատեն՝
ինքն
ալ
հօն
գտուելով՝
տեսած
էր
քրիստոնէից
վտանգը
եւ
անկէց
հեռացեր.
Մարաշայ
առումն,
Պալտինի
եւ
Ճոսլինի
դէպքն՝
իր
սիրտն
ալ
վիրաւորեր
էին։
Արդ
երբ
Թորոս
Թուրքերը
թողլով՝
Անտիոքացւոց
եւ
Յունաց
դէմ
սկըսաւ
զբաղիլ,
Ստեփանէ
տեսնելով,
որ
Իկոնիոյ
Սուլտանն
ալ
(ԽլիՃ
Ասլան)
Սեբաստիոյ
եւ
Կեսարիոյ
Տանիշմէնտին
հետ
հակառակութեան
մէջ
է,
եւ
երկուքն
ալ
իրարու
դէմ
կը
բանակին,
հարմար
միջոց
կարծեց
անոնց
՚ի
քրիստոնէից
խլած
երկիրները՝
իրենցմէ
խլել
(1156).
եւ
առանց
հաւանութեան
կամ
անյօժար
թոյլտուութեամբ
[7]
Թորոսի՝
գնաց
նախ
Սեաւ
Լերանց
կողմերը
եւ
նուաճեց`
անկէց
սկսաւ
Մարաշոյ
երկիրը
ասպատակել,
եւ
գիշեր
մը
գաղտուկ
զօրքերը
մտուց
քաղաքը,
ու
առաւօտուն
յանկարծ
սփռեց
ու
բռնեց
գլխաւոր
տեղուանքը.
բայց
բերդն
ալ
չկարենալով
առնուլ՝
թալնեց
եւ
այրեց
քաղաքը,
թողուց
գնաց.
բնակիչ
քրիստոնեաները
հետը
տանելով
[8]
։
Անկէց
յառաջ
անցաւ
դէպ
յարեւելք
Բեհեսնի
դժուարակռիւ
ամրոցին
եւ
մեծ
աւանին
վրայ՝
որոյ
այլազգի
տեղակալն
բռնաւոր
անգութ
մարդ
մ՚էր,
եւ
ընդդէմ
կամաց
Սուլտանին
կը
չարչարէր
զքրիստոնեայ
բնակիչսն,
մանաւանդ
զեկեղեցականս,
եւ
ծանր
հարկեր
կը
պահանջէր։
Անկէ
նեղեալ
բնակիչքն՝
ծածուկ
իմաց
տուեր
էին
Ստեփանեայ.
ասիկայ
ալ
հետը
քարամուտ
(բերդին
հիմը
փորող)
մարդիկ
առնըլով՝
եկաւ
զայն
նուաճելու.
այլ
բնակչաց
մէջ
մատնիչ
մը
գտուեցաւ.
իմացուց
բռնաւորին
որ
կենացը
վտանգ
կայ,
բաղնիքի
մէջ
պիտի
սպաննէին
զինքը.
զգուշացաւ.
նա,
եւ
կատղած՝
զով
որ
կրցաւ
բըռնել՝
ձեռք
ու
ոտք
կապելով
բերդին
պարիսպներէն
վար
կը
գլորէր։
Ստեփանէ
տեսնելով
որ
փոխան
փրկելու՝
աւելի
կորստեան
պատճառ
կ՚ըլլայ,
բերդէն
դուրս
աւանին
բնակիչները
շուտով
քշեց
տարաւ
օտար
տեղեր
բնակեցուց.
ուսկից
քիչ
ատենէն
անոնք
Սուլտանին
դիմելով՝
դարձան
իրենց
տեղը։
Ստեփանէ
գնաց
ուրիշ
ամուր
բերդի
մը
վրայ՝
Բերդուս
անուանեալ,
որոյ
բնակիչքն
ալ
յայլազգեաց
նեղեալ՝
ներսէն
օգնեցին
դրսէն
եկողին,
եւ
Հայոց
ձեռք
անցաւ
այն
բերդն։
Ստեփանէ
սպաննեց
բերդապահը
«որ
էր
այր
ժանտ
եւ
ատեցող
քրիստոնէից».
եւ
գնաց
անուանի
Քեսուն
քաղաքին
վրայ,
որ
երբեմն
Գող
Վասլի
կալուած
էր,
յետոյ
Ճոսլինեանց։
Քաղաքապետն
որ
աւելի
մարդասէր
էր՝
քան
զառաջինս,
տեսնելով
որ
պիտի
չկարնայ
ո՛չ
հալածել
զՍտեփանեանս
եւ
ո՛չ
ալ
յերկար
պաշարման
դիմանալ,
բոլոր
մարդիկը
հանդերձ
եկեղեցականօք
դուրս
վռնտեց,
միայն
զկանայս
եւ
տղայս
ներս
թողլով,
որոց
համար
կըրնար
պաշար
բաւեցընել
բաւական
ժամանակ,
ինչպէս
ալ
եղաւ.
խնայելով
անվնաս
եւ
անարատ
պահեց
զանոնք,
մինչ
իրենց
արքն
եւ
եղբարք
դուրսը
տագնապէին,
ոմանք
սիրով
չհեռանալով
անկէ,
այլ
ծառերու
եւ
հովանեաց
տակ
դեգերելով,
ոմանք
ալ
մօտաւոր
գեղեր
եւ
վանքեր
քաշուելով։
Հինգ
կամ
ինն
ամիս
երկար
պաշարման
ատեն
[9]
։
Այս
միջոցներուս
Ստեփանէի
արշաւանաց
ատեն՝
Լատինք
ալ
միաբանած,
թագաւորն
Երուսաղէմի
եւ
Բրինձն
Անտիոքայ,
կոմսն
Ֆիանտրայ
(Թիէրի)
եւ
Ասպետքն,
սկսան
կռուիլ
ընդ
Նուրէտտինայ,
փոփոխակի
բաղդով.
եւ
թէպէտ
նոր
օգնականներ
ալ
ընդուներ
էին
յարեւմտից,
այլ
անով.
ալ
չկարնալով
գլուխ
ելնել,
ժողովք
ըրին
եւ
միաբան
խորհրդով
աղաչաւոր
խաւրեցին
առ
Թորոս՝
իբրեւ
ամենահզօր
(potentissimus)
իշխող
մը,
ինչպէս
կ՚ըսէ
ժամանակակից
լատին
Պատմիչն
(Գուլ.
Տիւրացի),
որ
ամեն
մտածմունք
եւ
հոգ
թողլով`
գայ
իրենց
օգնելու
յԱնտիոք:
Հաւանեցաւ
Թորոս.
եւ
մեծ
ժրութեամբ
ու
զօրութեամբ
[10],
բազմութեամբ
զօրաց
փութացաւ
հասաւ
հօն.
եւ
միաբան
գնացին,
պաշարեցին
առին
Կեսարիա
կամ
Կեսուր
անուամբ
քաղաքը՝
Տրիպօլեայ
եւ
Դամասկոսի
տէրութեանց
միջոց
(1157)։
Թորոս
յաջողութեամբ
այս
կարեւոր
գործն
՚ի
գլուխ
տանելով,
եւ
թողլով
զՓռանկս
որ
վիճին
իրենց
աւարին
վրայ,
դարձաւ
իր
տեղը,
գուցէ
լսելով
իր
սափմանակից
Սուլտանին
շարժմունքը,
որ
Սեբաստիոյ
տիրոջ
Հետ
հաշտութիւն
ըրած
էր.
եւ
Ստեփանէի
վրա
կ՚ուզէր
դառնալ,
թերեւս
մեղադրելով
զԹորոս,
որոյ
հետ
նորէն
ուզեց
դաշինքը
հաստատել,
նոյնպէս
ուրիշ
քրիստոնէից
հետ.
«Սէր
առնելով
ընդ
թագաւորին
Երուսաղէմի
եւ
ընդ
տէրն
Անտիոքու,
եւ
ընդ
Թորոս
յաղթող.
եւ
ինքն
դարձաւ
յաթոռ
իւր»։
—
Ահա
զայս
լսելով
Քեսնոյ
փախըստականքն
ալ՝
դիմեցին
առ
նա՝
իբրեւ
իրենց
բընական
տէր.
իսկ
Ստեփանէ
տեսնելով
մինակ
մնալը՝
ստիպուեցաւ
յետ
քաշուելու.
մանաւանդ
որ
Թորոս
իր
նոր
հաշտութեան
դաշնագրութեամբ՝
կը
պարտաւորէր
յետ
դարձընելու
անպատշաճ
կերպով
նուաճուած
երկիրները,
եւ
դարձուց
ալ
՚ի
Սուլտանն
(յօգոստ.
1157)
նաեւ
Բերդուս
բերդը։
Սուլտանն
ալ
հօն
եղած
Հայոց
թէ՛
հեծեալ
թէ՛
հետեւակ
պահապանները
ազատ
թողուց։
Կըրնար
շնորհք
մը
սեպուիլ
Հայոց
այս.
որովհետեւ
Ստեփանէ՝
թէպէտ
նոյնպէս
տեղւոյն
առջի
պահապանները
ազատ
թողեր
էր
առաջ՝
ըստ
խոստմանն,
այլ
երբ
նոքա
երթալու
ատեն
կը
սպառնային,
որ
օգնական
գտնելով
ետ
պիտի
դառնան,
ինքն
ալ
եկեղեցականաց
խորհուրդ
հարցընելով՝
ինքզինքն
ազատ
սեպեց
երդմունքէն,
անոնց
ըրած
սպառնալեացը
պատճառաւ,
եւ
ետեւնէն
հասնելով՝
զամենքն
ալ
ջարդեր
էր։
Յայտ
է
որ
հիմայ
այս
կերպով
առնուած
բերդին
յետ
տըրուիլն՝
իրեն
ցաւ
եղաւ.
մանաւանդ
որ
մէկալ
նուաճած
տեղուանքն
ալ
գրեթէ
բոլոր
նորէն
այլազգեաց
ձեռք
ընկած
էին.
ուստի
եւ
տրտմութեամբ
խռովեցաւ
Թորոսի
հետ,
ինչուան
չարիք
սպառնալով։
Թորոս
որ
աւելի
զգաստ
եւ
աւելի
զօրաւոր
էր,
բռնեց
զնա
եւ
բանտեց՝
մինչեւ
շատ
աղաչանօք
միջնորդաց՝
իրմէ
ալ
երդումն
առնըլով,
յետ
տասն
ամսոց
ազատեց.
«եւ
սիրէին
զմիմեանս»:
Գուցէ
այն
միջոցին
Մանուէլ
կայսեր
՚ի
Կիւլիկիա
գալն
ալ
առիթ
մ՚եղաւ
հաշտութեան
երկուց
եղբարց
(1158)։
Կայսեր
ետ
դառնալէն
ետեւ
Երուսաղէմի
եռանդուն
թագաւորն
նորէն
միաբանելով
ազգակից
քրիստոնեայ
իշխանները
շատ
հեղ
կռուեցաւ
ՆուրԷտտինի
հետ,
եւ
ոչ
քիչ
անգամ՝
յաջողեցաւ.
բայց
յետոյ
քանի
մը
ամսուան
կամ
տարուան
համար
զինադադարումն
ըրին
(1160).
ասկէց
զինքն
ազատ
համարելով
կամ
խարդախելով՝
Անտիոքայ
անզգոյշ
իշխանն
Ռընալտ,
անգամ
մը
500
հետեւակօք
եւ
նոյնչափ
ալ
խառն
զինուորօք
եւ
հեծելօք՝
Նուրէտտինի
սահմանները
կոխեց.
եւ
երբ
նա
այն
Տլքոյ
երկիրը
եւ
այն
Ծով
Քարաբերդը՝
զոր
քիչ
տարի
առաջ
մեր
կաթողիկոսաց
աթոռ
տեսանք,
եւ
անոր
մօտերը
կոմմի
(?)
անուամբ
տեղ
մը
եկել
էր,
յանկարծ
Նուրէտտինի
մեծ
տեղակալն
Նէճէմէտտին
կամ
Մէճտէտտին,
(որ
եւ
ուրացեալ
Հայ
մ՚էր
ըստ
ոմանց,
եւ
հօրեղբայր
մեծահռչակ
ՍալահԷտտինի),
10,
000
զօրօք
շըրջապատեց
անխոհեմ
ասպատակները,
որոց
400
մարդ
սպաննեցին
հօն,
մնացածները
բաց
՚ի
քանի
մը
փախչողներէ,
բռնեցին,
հանդերձ
երեսուն
ձիաւորով
եւ
իրենց
գլուխ
Ռընալտով,
բերին
՚ի
Հալէպ,
բանտեցին։
Նուրէատին
այս
յաջող
լուրը
լսելով՝
ինքն
ալ
արշաւեց
աւերեց
Տրիպօլեայ
եւ
Անտիոքայ
սահմանները,
քանի
մ՚ամուր
բերդեր
ալ
առաւ,
քակեց,
եւ
գերիները
բերաւ
ի
Հալէպ,
ուր
որ
արդէն
բռներ
բանտեր
էր
եւ
զՃոսլին
Գ,
նման
անոր
տարաբաղդ
հօրը.
եւ
նոյն
բանտին
մէջ
16
տարի
մնացին
[11]
։
Աւելի
առաջ
չկըրցաւ
անցնիլ
Նուրէտտին.
վասն
զի
երկու
կտրիճ
ախոյեանքն՝
թագաւորն
Երուսաղէմի
Պալտին
եւ
մերս
Թորոս՝
վրայ
հասան
(1161),
հանդերձ
Յունաց
գընդով
մը.
բայց
թագաւորին
հիւանդութիւնն
պատճառ
եղաւ
որ
իրենք
ալ
աւելի
առաջ
չվազեցին.
եւ
նոյն
տկարութենէն
մեռաւ
երիտասարդ
եւ
քաջակորով
այն
Պալտին
Գ
(10
փետր.
1162),
մեծ
սուգ
եւ
ցաւ
թողլով
ամենայն
քրիստոնէից,
եւ
իր
արժանաւոր
նիզակակցին՝
Թորոսի։
Սա
եւ
Հայք
մեծ
կորուստ
մ՚ալ
ըրին
նոյն
տարին
կամ
ի
սկիզբն
յաջորդին
(3
փետր.
1163),
որ
եւ
նորէն
Յունաց
հետ
թշնամութեան
եւ
կոտորածի
դուռ
բացաւ։
Կայսեր
տեղապահ
՚ի
Կիւլիկիա՝
իր
խնամին
Անդրոնիկոս
Եւփորպեն
դուքսն,
չեմ
գիտէր
Ստեփանէի
առջի
ըրածներո՞ւն
համար,
թէ՞
նոր
գործոց
համար,
նենգութեամբ
հրաւիրեց
զնա
՚ի
ճաշ՝
Համուս
բերդը,
եւ
բարբարոսական
անգթութեամբ
եռացեալ
(ջրոյ)
կատսայի
մէջ
ձգել,
խաշել
խղդել
տուաւ։
Հարկ
չէ
ըսել
թէ
ինչ
աստիճան
զայրացան
Թորոս
եւ
Մլեհ
եղբարքն
եւ
իրենց
ազգայինք.
եւ
որչափ
անգթութիւնք
եղան
ասոնց
կողմանէ
ալ,
որչափ
անպարտ
արիւններ
թափեցան.
մէկին
տեղ
հազարապատիկ,
կ'ըսեն
մեր
պատմիչք.
այլ
աւելի
մերձավոր
եւ
օտարազգի
պատմիչն
(Միխ.
Ասորի)
10,
000
կ՚ըսէ
Յունացմէ
սպանուածներուն
վրէժխնդրութեամբ
եղբարց
Ստեփանեայ.
եւ
ալ
աւելի
պիտի
ըլլային,
եթէ
Անդրոնիկոս
յուսահատած
չդիմէր
առ
նորապսակ
թագաւորն
Երուսաղէմի,
որուն
շատ
պարգեւներ
տալով
եւ
աւելի
շատ
ալ
խոստանալով
բերել
տալ
՚ի
Կ.
Պօլսոյ,
եւ
շատ
երդմամբք
հաստատելով,
որ
իր
գիտութեամբ
եղած
չէր
Ստեփանէի
մահն,
միջնորդ
բռնեց
զնա
առ
Թորոս,
եւ
հազիւ
դադրեցընել
տուաւ
առ
ժամանակ
մը
ասոր
սոսկալի
սուրը։
Իսկ
Ստեփանի
մարմինը՝
տարին
եւ
օրինաոր
հանդիսիւ
թաղեցին
յԱրքակաղնի
վանքը։
Կինն
Ռիթա,
որ
դուստր
Էր
Սըմբատայ
Պապեռօնի
տիրոջ,
այն
որ
Օշնի
Հետ
Թորոսի
դէմ
կռուելով
մեռաւ
՚ի
Մսիս,
առաւ
իր
երկու
դեռահասակ
զաւկըները`
Ռուբէն
(Բ)
եւ
Լեւոն
(Բ)
եւ
գնաց
՚ի
Պապեռոն՝
իր
եղբարց
քով,
եւ
հօն
մեծցուց
զանոնք՝
անդրանիկն
քիչ
տարի
ետեւ
Թորոսի
իշխանութիւնը
ժառանգեց.
իսկ
կրսերն
աւելի
բարեբաղդ
եւ
ճարտար
եղաւ,
Հայոց
նոր
թագաւորութիւն
մը
կանգնելով,
որոյ
հիմը
հաստատող
կամ
ամրացընող
կը
տեսնենք
իր
մեծ
հօրեղբայրը՝
Թորոս
Բ։
Ոչ
միայն
իր
ազգին
նեցուկ
էր
սա
այս
ատեն,
այլ
եւ
մերձակայ
քրիստոնէից
պաշտպան,
մանաւանդ
Փռանկաց,
որք
շատ
հեղ
մեծ
օգնութիւն
գտան
իրմէ.
եւ
այս
ատեններս
ալ
(1163),
Ռընալտի
բանտարգելութեան
ատեն,
երբ
անոր
փառասէր
կինն
Կոստանդիա
[12],
զՄանուէլ
կայր
իր
Մարիամ
դստեր
փեսայացընելով՝
անոր
օգնութեամբ
կ՚ուզէր
իր
առաջին
զաւակը
(Պեմունդ
Գ)
զրկել
իշխանութենէ,
կամ
դեռ
տղայ
սեպելով՝
ինքնին
իշխել
եւ
կառավարել,
Թորոս
մէկէն
վրայ
հասաւ
յԱնտիոք,
մերժեց
ամբարտաւան
մայրը,
եւ
Հաստատեց
պատանի
Պեմունդը՝
յաթոռ
հօրը։
Դժբաղդաբար
Պեմունդ
Թորոսի
երախտեաց
արժանի
փոխարէն
չըրաւ
Հայոց՝
յետոյ
իր
երկար
իշխանութեան
ատեն,
եւ
շատ
վէճեր
ունեցաւ
անոր
յաջորդաց
ատեն.
սակայն
Լեւոնի
ճարտարութիւնն
եւ
զօրութիւնն
գտաւ
հնարք
զանիկայ
չափաւորելու։—
Յաջորդ
տարին
(1164)
Թորոս
դարձեալ
զիջաւ
Փռանկաց
աղաչանքին,
որոց
նոր
օգնականներ
եկեր
էին
յարեւմըտից,
եւ
միաբան
անոնք
եւ
Պեմունդ
ալ
առաջին
անգամ,
Ռեմունդ
Տրիպօլեայ
կոմսն,
Յունաց
Կոստանդին
Կալաման
դուքսն
եւ
այլք,
Նուրէտտինայ
վրայ
գնացին,
եւ
Տրիպօլեայ
սահմանաց
մէջ
զարկին
զինքը։
Նուրէտտին
հրաւէր
մը
հանեց
իր
հաւատակցաց,
անոնց
բազմութեամբ՝
վրէժն
առնըլու.
Թորոս
խըրատ
տուաւ
դաշնակցաց՝
որ
յետ
քաշուին,
երբ
անոնք
մտիկ
չըրին՝
ինքն
իրեններովը
դարձաւ.
բայց
իր
եղբայրն
Մլեհ
մնաց
անխոհեմներուն
հետ։
Նուրէտտին
Անտիոքայ
Հարէնկ
կամ
Հերիմ
ըսուած
ամուր
բերդը
պաշարեց`
եւ
երբ
դաշնակիցք
հօս
վազեցին
ազատելու,
լերանց
կիրճերու
մէջ
դարան
դնելով,
բաց
՚ի
սպաննածներէն՝
անոնց
բոլոր
գլխաւորները
բռնեց.
զՊեմունդ
եւ
Ռեմունդ,
Յունաց
դուքսը,
եւ
այլն.
եւ
Ռընալտի
եւ
Ճոսլինի
քով
բանտեց.
միայն
Մլեհ
օգնութեամբ
Եիւրիւք
Թիւրքմէնից.
իր
գնդին,
եւ
քանի
մ՚ասպետաց
հետ
յաջողեցաւ
պրծիլ
(10
օգոս.
1164)։
Թորոս
թէ
եւ
զիրենք
զգուշացուցեր
էր
եւ
անպարտ
էր,
այլ
դարձեալ
գթալով
անոնց
վրայ՝
ընծաներ
ղրկելով,
խնդրեց
՚ի
Նուրէտտինայ,
որ
արձըկէ
գերիները.
երբ
նա
մտիկ
չըրաւ՝
Թորոս
վազեց
Մարաշոյ
կողմերը
ասպատակելու,
իրեն
դէմ
եկած
զօրքերն
ալ
զարկաւ
եւ
մաս
մը
գերի
բռնեց.
այն
ատեն
ստիպեցաւ
Նուրէտտին
Թորոսի
ուզածները
տալ:
Լատինացոց
խնդրով
ալ
Թողուց
զՊեմունդ,
որ
երթայ
գլխուն
փրկանքը
ճարէ
100,
000
ոսկի.
ինչպէս
որ
գնաց
ալ
՚ի
Կ.
Պօլիս
առ
քոյր
իւր
եւ
քեռայր
կայսրն
Մանուէլ,
ստակը
խնդրելու։
Այս
ասեն
Թորոսի
հզօր
եւ
փառաւոր
իշխանութեան
ականատես
եւ
վկայ
եղաւ
նորանշան
ուղեւոր
եւ
մատենագիր
մը,
Սպանիոյ
Դուտելայ
քաղաքացի՝
եւ
Հրեայ
Րաբունն
Բենիամին,
որ
իր
կրօնակիցները
փնտռելով
երկրիս
երից
հին
մասանց
մէջ,
յետ
շրջելոյ
յԻտալիա,
Յունաստան,
Կ.
Պօլիս,
եւ
՚ի
կղզիս,
՚ի
Կիպրոսէ
անցաւ
՚ի
Կիւլիկիա,
ելաւ
՚ի
Կոռիկոս,
որ
սահմանագլուխ
էր,
կ՚ըսէ,
Հայոց
եւ
տէրութեան
Թորոսի՝
թագաւորի
Լերանց
եւ
Հայոց
իշխանի,
որոյ
իշխանութիւնը
կը
տարածուի
մինչեւ
՚ի
սահմանս
Թոգարմայ
կամ
Թուրքաց
եւ
՚ի
քաղաքն
Դուքիա
[13]
։
Բենիամին
անցաւ
՚ի
Մամեստիա,
եւ
անկէց
յԱնտիոք,
ուր
քանի
մը
ազգային
ապակէգործ
գտաւ,
իսկ
Թորոսի
երկրին
մէջ
Հրեայ
չի
յիշեր։
Յետ
այնքան
գործոց
եւ
կռուոց ,
մեր
քաջ
շահատակն
անգամ
մ՚ալ
իր
բազմայաղթ
զէնքերը
ազգային
արեան
մխեց,
իր
հին
հակառակորդին
հետ
գժտելով,
որոյ
զգուշութեան
համար՝
խնամութիւն
ալ
ըրած
էր
անոր
հետ.
եւ
երբ
երկու
լեռնաբոյն
արծուեաց
պէս
Թորոս
եւ
Օշին
իրարու
ձագերը
կը
ճանկէին,
իբրեւ
հեզաթեւ
աղաւնի
մեր
Շնորհալին
ալ
իր
Հռոմկլայի
բոյնէն
սրանալով՝
ընկաւ
մէջերնին
եւ
հաշտեցուց
(1165)։
Կռուոյն
կամ
նոր
հակառակութեան
բուն
պատճառ
ի՞նչ
էր՝
որոշ
չէ
նշանակուած,
այլ
մեր
ազգային
յիշատակողք
երկու
կուսակցութեանց
հոգւով
գրած
են.
ոմանք
մեղադրելով
զԹորոս՝
որ
իշխանասիրութեամբ
կամ
Յունաց
դէմ
ատելութեամբն՝
եկաւ
Oշնի
վրայ.
—
որովհետեւ
սա
հաւատարիմ
մնար
կայսեր,
իսկ
ինքն
իր
երդման
դէմ
կ՚ընէր.
—
սակայն
չափազանց
կ՚երեւի
մեղադրութիւնն,
որովհետեւ
Թորոս
ինչուան
Ստեփանէի
սպանման
ատեն՝
եթէ
կասկած
ալ
ունէր,
գոնէ
թշնամութիւն
չէր
ցուցած
Յունաց
դէմ.
այն
առթիւ
վրէժն
առնելէն
ալ
դադրեր
էր,
միջնորդութեամբ
թագաւորին
Երուսաղեմի,
եւ
հիմայ
հաշտ
երեւէր
ընդ
Յոյնս։
Իսկ
իրեն
կուսակիցք
կը
մեղադրեն
զՕշին,
որ
ոչ
միայն
Յունաց՝
այլ
եւ
այլազգեաց
կողմ
բռնած
էր
ընդդէմ
Թորոսի.
եւ
անգամ
մը
առաջնորդեր
կամ
ճամբայ
ցուցած
էր
Թուրքմանաց
ասպատակելու
յերկիր
Թորոսի,
ուր
Ատանայի
սահաններէն
500
աղջիկ
յափշտակեցին։
Յայսմ
ալ
չափազանցութիւն
կ՚երեւի,
բայց
հետեւանքն
ըստոյգ
է,
որ
երկու
մեծ
իշխանաց
մէջ
նորէն
ատելութիւնն
արթընցաւ,
կռիւ
ծագեցաւ,
եւ
շատ
արիւնահեղութիւն
եղաւ.
հաւանօրէն
Օշնի
կողմն
աւելի
տկար
էր,
եւ
թերեւս
նորէն
եւ
աւելի
սաստիկ
Թորոսի
վրէժխնդրութեան
կամ
պատժոց
տակ
պիտի
ընկնար,
երբ
համբաւն
հռչակուեցաւ։
Գրիգորիս
կաթողիկոս
փութացուց
իր
հարազատը՝
ազատելու
իրենց
թոռները
եւ
հաշտեցընելու
հակառակորդները.
«որ
եւ
աշխատասիրաբար
ճանապարհ
հորդեալ
գայր
առ
նոսա,
եւ
զհաւատացեալ
գործն՝
արդեամբք
կատարէր
՚ի
ձեռն
իւրոյ
միջնորդութեանն»։
Միջնորդութիւն,
որ
գուցէ
առանց
այսպիսի
շնորհազարդ
եւ
ալեզարդ
հայրապետի
մը՝
անկարելի
պիտի
ըլլար
ուրիշ
անձի
ձեռքով
կամ
բերնով։
Աւելորդ
է
հետաքննել
եթէ
ի՞նչ
պայմաններ
դըրուեցան
հաշտութեան
երկու
կողմէն.
Շնորհալւոյ
շունչն
ամեն
բան
դիւրած
է
եւ
ապահոված։
Օշին
արդէն
կրկին
կապերով
կապուած
էր
անոր
եւ
Պահլաւունեաց
տոհմին
հետ.
իսկ
Թորոս
որքան
եւ
սոսկալի
եւ
ծանրաձեռն
էր
պատերազմի
եւ
կռուի
մէջ,
այնքան
ալ
խոհեմ
եւ
արդարասէր
՚ի
հաշտութեան.
եւ
քաջութենէն
պակաս
չէր
բարեպաշտութիւնն
ալ.
ոչ
միայն
յարգող
եկեղեցականաց,
այլ
եւ
շինող
եկեղեցեաց
եւ
վանորէից.
եւ
ոչ
այսչափ
միայն,
այլեւ
վերջապէս
իր
կտրիճ
կենաց
յետին
օրերը
կրօնաւորութեամբ
կնքեց։
Հաշտութիւնը
կնքելէն
ետեւ
Թորոս
իր
տեղը
դարձաւ,
իսկ
Օշին
իր
ընտանւոյն
ընկերած՝
նախ
եկան
՚ի
Մամեստիա,
կայսեր
տեղակալ
դուքսը
մեծարելու,
որ
էր
Ալեքս
Աքսուխ
(Axouch),
«փեսայ
գոլով
թագաւորին
(Մանուէլի),
այր
կորովամիտ
եւ
հանճարեղ,
պատուով
յառաջին
հեծելազօրացն,
ըստ
յունական
բարբառոյն
Պռոտոստրատոր
յորջորջեալ»։
Յետ
արժանաւոր
ընդունելութեան,
Ներսիսի
շնորհաց
փայլմամբ
շլացեալ
Յոյն
իշխանն՝
սթափեցաւ
իր
առջեւ
հակառակ
կարծիքներէն
զոր
ունէր
Հայոց
վրայ.
եւ
եկեղեցական
խնդրոց
ալ
քննող
եւ
սիրող
ըլլալով`
փափագ
ցուցուց
որ
այսպիսի
մեծ
եւ
գիտուն
Հայ
եպիսկոպոսէ
եւ
կաթողիկոսին
փոխանորդէն՝
տեղեկանայ
մանրամասնաբար
Հայոց
դաւանութեան
եւ
ծիսից։
Սա
ալ
պահանջեց
որ
օրինաւոր
կերպով
մ՚ընէ
խնդիրը.
եւ
երբ
այնպէս
խնդրեց,
ապա
գրեց
Շնորհալին
իր
շնորհաբան
գրչաւը՝
այն
հռչակաւոր
դաւանութիւնը,
որ
պատճառ
եղաւ
Հայոց
եւ
Յունաց
մէջ
երկար
տարիներ
թղթակցութեանց,
բոլոր
Ներսիսի
կաթողիկոսութեան
ատեն
եւ
անկէ
վերջը,
եւ
աշխարհածանօթ
խնդրոյ
միաբանութեանն,
որոյ
վրայ
պէտք
է
յետոյ
խօսինք,
չուզելով
հօս
ընդհատել
մեր
քաղաքական
եւ
ընտանեկան
դիպաց
պատմութիւնը։
Ալեքս՝
որչափ
որ
աւելի
կեցաւ
քովը
Շնորհալին
ալ
աւելի
ճանչցաւ
անոր
յարգը.
շատ
գոհութեամբ
ընդունեցաւ
անոր
գրած
դաւանութիւնը,
խոստանալով
անձամբ
տանելու
առ
կայսրն.
եւ
իրեն
արժանաւոր
ընծաներ
տալով
յուղարկեց
(1165)։
Հիմայ
Օշին
Թորոսի
հետ
հաշտութենէն
աւելի
մեծ
ուրախութեամբ
մը՝
բռնադատեց
տարաւ
իր
պաշտելի
հիւրը
իր
աթոռը
՚ի
Լամբրոն.
բոլոր
ընտանիքը,
տունը,
բերդը,
եւ
երկիրները
օրհնել
տուաւ
անոր
սուրբ
աջովը.
եւ
աւելի
քան
որդիական
սիրով
մը
պահեցին
ու
պատուեցին
զնա՝
ինքն
եւ
կինն
Շահանդուխտ,
դուստր
եղբօր
Շնորհալւոյն.
որ
եւ
անշուշտ
միւս
որդւոց
հետ
ներկայացուց
հօրեղբօրը՝
Սկեւռա
անապատներէն
բերելով՝
անարատ
տատրակի
պէս
իր
Սմբատիկը,
որ
յետոյ
պիտի
ներսիսանար
անուամբ
եւ
հոգւով
պապուն.
եւ
այն
ատեն
12-ամեայ
մանուկ,
նման
երբեմն
իրեն
հասակակից
մանկացելոյն
Յիսուսի,
նստէր
առ
ոտս
այս
շնորհազարդ
վարդապետին,
լսէր
՚ի
նմանէ
եւ
հարցանէր
զնա
[14]:
Քաղցր
էր
անշուշտ
եւ
Շնորհալւոյ
այսպիսի
ընտանեաց
եւ
թոռանց
կենակցութիւնը,
եւ
քիչ
մ՚ատեն
Հռոմկլայի
հոգերէն
եւ
տաք
օդերէն
հեռանալով
՚ի
սարս
Տաւրոսի՝
Լամբրոնի
4500
ոտք
բարձրաւանդակներէն
զովագին
եւ
կենդանարար
սիւգ
շնչել
եւ
բնութեան
ու
հասակի
դալարեաց
մէջ
իր
արծաթափայլ
ալիքը
ծածանել։
Սակայն
եղբօրը
Գրիգորիսի
ծանրացեալ
հասակն
եւ
հարկ
պաշտօնին
կը
կանչէին
զինքն
՚ի
տօթագին
քարանձաւն,
ուր
այնուհետեւ
ալ
աւելի
պիտի
արգելուէր.
եւ
թերեւս
յետին
անգամն
էր՝
որ
մեծ
ընկերսիրական
գործոյ
մը
համար՝
իր
հոգեկից
Բեռնարդոսին
պէս
հեռացել
էր
իր
մենարանէն,
եւ
վերջին
անգամ
Հռոմկլայէն
դուրս
երկիր
կը
տեսնէր.
որուն՝
հանդերձ
հիւրընկալօքն
մնաք
բարով
ըսելով
եւ
օրհնելով՝
դարձաւ
՚ի
հայրապետանոցն։
Իսկ
մենք
յառաջ
քան
զմեր
դարձն
յայս
կողմս,
աւարտենք
Թորոսի
տեսութիւնը,
որոյ
մէկ
հատիկ
ամենասիրելի
յետամնացն
ալ
դարձեալ
զարմանալի
բաղդով
պիտի
աւանդուէր
Շնորհալւոյ
ձեռքը,
եւ
անդարձ
աւանդուէր։
Թորոս
որչափ
որ
խելօք
եւ
ուժով
յաջող
էր,
այնչափ
ալ
բաղդաւոր
չեղաւ
իր
ամենէն
մերձաւորներէն
յարգ
եւ
սէր
ընդունելու.
տեսանք
յառաջ
Ստեփանէի
ըրածը,
եւ
յիշեցինք
Մլեհի
անկարգութիւնը,
զոր
ալ
աւելի
ցուցուց
այս
ժամանակ
եւ
ասկէ
ետեւ։
Հօրը
գերութեան
պատճառաւ
տիրագլուխ
մնացած՝
անկիրթ
եւ
ազատակամ
մեծցեր
էր.
որ
իշխանն
որ
իրեն
հաճոյ
երեւէր՝
անոր
քով
կ՚երթար
եւ
կ՚ընկերէր
զինուորութեամբ,
երբեմն
նաեւ
չխտրելով
զքրիստոնեայ
եւ
զանքրիստոնեայ՝
շատ
հեղ
ալ
ինքնագլուխ
զօրք
ժողուելով,
ասպատակելով
եւ
տիրելով,
ոչ
սակաւ
բռնաբարութեամբ
եւ
անիրաւութեամբ։
Ատեն
մը
եղբարցը
կ՚օգնէր,
ատեն
մ՚ալ
իրենց
ծէսը
թողլով՝
անցաւ
Լատինաց
մէջ
եւ
այն
ատենուան
հռչակաւոր
ՏաՃարական
(Templiers)
ասպետաց
կարգը
մտաւ.
եղաւ
կտրիճ
եւ
յանդուգն
ձիաւոր
մը,
այլ
միշտ
քիչ
մտածող,
կրոտ
ու
կրակոտ։
Թորոսէն
աւելի
ուզեց
իր
(Ստեփանէ)
եղբօր
մահուան
վրէԺն
առնուլ
՚ի
Յունաց։
Միով
բանիւ
ուր
որ
վրիժու
եւ
կռուի
խնդիր
կար՝
առաջին
կ'ըլլար
հօն
վազելու,
ինչպէս
քիչ
առաջ
տեսանք՝
դաշնակցեալ
քրիստօնէից
հետ
Նուրէտտտինայ
դէմ
երթալը,
որուն
ձեռքէն
հազիւ
ազատեցաւ
(1164),
իրեն
անվայել
կամ
վայել
ընկեր
ըրած
Թիւրքմէնաց
օգնութեամբ,
զորս
մեր
պատմիչն՝
վատ
եւ
աներեւակ
ազգ
կոչեց.
եւ
չէ
զարմանք
որ
ասպետաց
սանձագեղ
ձին
թողլով՝
հետեւակ
(Եիւրիւք)
Թափառա
կանաց
Հետեւող
եղաւ,
երբ
իմանանք
որ
ձեւին
հետ
խաչն
ու
կրօնքն
ալ
կը
փոխէր,
որով
եւ
անկրօն
կը
մնար.
թէ
եւ
ոչ
միայն
կրօնասէր
անձանց
մէջ
մեծցեր
էր,
այլ
եւ
մեր
Հայրապետաց
տան
խնամի
եւ
փեսայ
էր։
Ըստ
այսմ
որչափ
ալ
դարձեալ
պըժգալի՝
զարմանալու
չէ,
եթէ
անհաւատն
առ
փրկիչն
իւր
Քրիստոս՝
ըլլայ
անհաւատարիմ
եւ
առ
հարազատն
Թորոս.
եւ
Սպարապետ
պատմըչին
խօսքերով
ըսենք.
«կ՚ուզէր
որ
սպանէր
զՊարոն
Թորոս.
եւ
յարեցոյց
յինքն
այլս
ոմանս
օգնականս
իւրոյ
չարութեան։
Եւ
օր
մի
ելան
երկուքն
՚ի
յորս
ի
մէջ
Մսիսայ
եւ
կամէր
Մլեհն
զչար
խորհուրդն
իւր
անդ
կատարել
եւ
սպանել
զեղբայրն
եւ
Պարոն
Թորոս
գիտաց ,
եւ
կալաւ
զՊարոն
Մլեհ,
եւ
առաջի
իշխանացն
քշփեց
խիստ
զնա.
եւ
ետ
նմա
շատ
ոսկի
եւ
արծաթ,
ձի
եւ
ջորի,
եւ
եհան
զնա
յերկրէն
եւ
այլ
չարչարար
փոխարէն
նմա։
Իսկ
նա
գնաց
առ
Սուլտանն
Հալպայ
Նուրատինն,
եւ
եմուտ
՚ի
ծառայութիւն
նորա.
եւ
նա
ետ
նմա
զԿիւրոս
եւ
ըզգաւառն
իւր»,
որ
է
Անթէպի
եւ
Քիլիսի
միջոց
արեւմտեան
կողմը։
Այս
բանս
Հանդիպած
պիտի
ըլլայ
1165–6-ի
միջոցը։
Ասանկ
անսիրտ
եւ
անխիղճ
անձի
մը
դէմ
հարկաւոր
էր
դարձեալ
արթուն
կենալ.
ուստի
եւ
Թորոս
անկէ
ետեւ
զգուշութեամբ
եւ
բարեկամութեամբ
կը
վարուէր
Նուրէտտինի
ետ,
որ
աւելի
աղէկ
խոստմունք
կը
պահէր,
եւ
կը
պատկառէր
՚ի
Թորոսէ.
այն
ատեններն
ալ
զբաղած
էր
Եգիպտոսի
խալիֆային
դէմ,
ջանալով
ուրիշ
ուրացեալ
Հայու
(կամ
Քրդի
մը
ձեռքով՝
որ
էր
Շիրաքաւ
հայրն
Սալահէտտինայ),
Ափրիկէի
մայրաքաղաքին
եւ
մեծ
աշխարհին
ալ
տիրելու.
բայց
այսօր
պաշտպան
եւ
օգնական
խալիֆային
ելաւ
Երուսաղէմի
թագաւորն՝
Ամաւրի։
Կարծեն
ոմանք
թէ
այս
բարեկամութիւնս
Թորոսի
եւ
Նուրէտտինի՝
նորէն
Յունաց
կասկածն
ու
ատելութիւնը
արթընցուց,
եւ
մէջերնին
նոր
կրակ
վառեց.
այլ
աւելի
հաւանական
կերեւի
թէ
Թորոսէն
շատոնց
յաղթուած
վատ
հակառակորդն՝
Անդրոնիկոս
Կոմնենոսն
էր
այս
բանիս
պատճառ,
որ
իրեն
նոր
նախատինք
աւելցուց,
մեր
իշխողին՝
նոր
փառք։
Յետ
12
տարի
բանտարգելութեան
Անդրոնիկոս
երկրորդ
անգամ
հնարք
գտեր
էր
բանտէն
փախչելու,
(1166)
եւ
շատ
հեռու
փախչելու,
մինչեւ
՚ի
Քիեւ
Ռուսաց
մայրաքաղաքը,
եւ
անոնց
Եարոսլաւ
իշխանապետին
նիզակակից
ըլլալու.
Մանուէլ
որ
այն
ատենները
(1166)
Ունգարաց
հետ
պատերազմ
ունէր՝
վախցաւ
Ռուսներն
ալ
անոնց
օգնական
աւելցընելու.
եւ
թողութեան
մուրհակ
քաւրեց
իր
հօրեղբօրորդւոյն.
Անդրոնիկոս
ուրախութեամբ
դարձաւ
իր
համշիրակին
քով
եւ
իբրեւ
՚ի
նշան
շնորհակալութեան՝
մտաւ
՚ի
պատերազմ,
եւ
Զեւկմինա
քաղաքը
առնըլու
ատեն
Ունկարաց
ձեռքէն՝
բաւական
կտրճութիւն
ցուցուց,
ապա
խաղաղութիւն
ընելով
դարձաւ
կայսեր
հետ
՚ի
Կ.
Պօլիս.
սակայն
իր
հին
բարքն
եւ
փառասիրութիւնն
նորէն
երեւան
ելան։
Մանուէլ
իր
աթոռը
ապահովելու
համար՝
յօժարեցաւ
՚ի
խնդիր
Անդրոնիկեայ,
թերեւս
եւ
յորդորեց
ալ,
Թորոսէ
իր
հին
վրէժը
առնըլու,
եւ
երբ
դուքսն
Ալեքս
Աքսուխ
իր
տարեկան
պաշտօնը
կատարելով
՚ի
Կիւլիկիա՝
դարձաւ
՚ի
Կ.
Պօլիս
(1166),
Շնորհալւոյ
գրած
Դաւանութիւնն
ալ
հետը
բերելով
առ
կայսրն,
սա
զԱնդրոնիկոս
դուքս
եւ
տեղակալ
կարգեց
արեւելից,
եւ
շատ
թոշակ
եւ
ստակ
տալով,
Կիպրոսի
եկամուտն
ալ
իրեն
շնորհելով՝
հեռացուց
իրմէ
(1167)։
Անդրոնիկոսի
կիրքն
այս
անգամ
ատելութենէ
վեր
տռփանք
մ՚էր.
ոչ
այնքան
զԹորոս
կ'ուզէր
հալածել,
որքան
որսալ
զՓիլիպպինէ՝
քոյր
իր
քենւոյն
(Մարիամայ
կայսրուհւոյ)
եւ
Գ
Պեմունդի,
որոյ
գեղեցկութեան
համբաւը
լսեր
էր
եւ
հաւաստի
կը
սեպէր՝
անոր
քոյրը
տեսնելով։
Ալեքսի
չափաւորութիւնն
եւ
խոհեմութիւնն՝
զԹորոս
ալ
չափու
մէջ
պահած
էր,
եւ
իրարու
առիթ
չտալով՝
բարեկամութեամբ
կը
վարուէին,
եւ
Թորոս
դեռ
կայսեր
բարձրագոյն
հովանաւորութեան
ներքեւ
համարուէր.
իսկ
այդ
անառլիկն
Անդրոնիկոս
բոլորովին
փճացուց
դաշինքը
եւ
կայսեր
ոսկի
հրովարտակը.
տիրաբար
պատուիրաններով
եւ
գրգռմամբ
բռնադատեց
զԹորոս
նորէն
զէնքի
վազելու,
զոր
անկէ
առաջ
ինքն
դուքսն
առած՝
կոխեր
էր
մեր
պանտոսեբաստոսի
խաղաղացեալ
երկիրները։
Քսան
եւ
հինգ
տարիներ
պատերազմելով՝
թուլցած
չէին
Լեւոնի
որդւոյն
Թեւերն
եւ
շատ
երկար
ժամանակ
ու
հնարք
պէտք
չեղաւ
Հայոց՝
քանի
անգամ
զարնելու
զԱնդրոնիկոս.
որ
եւ
փոխանակ
այնպիսի
կտրիճ
եւ
փորձ
թշնամւոյ
մը
դէմ
հնարք
եւ
զգուշութիւն
փնտռելու,
այլանդակ
մտածութեամբ
մը,
գուցէ
զՀայս
նախատել
ուզելով,
բանակը՝
անասնոյ
ձեւով
դասաւորեց.
գլխով,
ագիով.
ոտիւք,
եւ
այլն
։
Իսկ
Թորոս
իրենները
զանազան
գունդ
բաժնելով,
եւ
զոմանս
անտառաց
մէջ
պահուըտցընելով՝
այն
նորաձեւ
գազանը
զարկաւ
ջարդեց
ցրուեց.
եւ
երբ
իր
գնդից
ետ
դառնալուն
կը
սպասէր
ձիուն
վրայ,
Անդրոնիկոս
յուսահատ
յանդըգնութեամբ
մը
կրցաւ
ազատել
զինքը
նոր
գերութենէ։
Տեսաւ
որ
Թորոս
ուրիչ
կողմ՝
զբաղեր
է
յանկարծ
ետեւէն
գնաց,
եւ
անոր
մօտի
եղողներուն
վրայ
սուր
շարժելով,
բոլոր
ուժովը
նիզակը
թափ
զարկաւ
Թորոսի
երկայն
վահանին,
եւ
ձիէն
վար
ձգեց.
Թորոսի
ամուր
զրահներն
զինքն
անվնաս
պահեցին.
բայց
մինչեւ
որ
նորէն
ցատքեց
ձիուն
վրայ՝
Անդրոնիկոս
ժամանակ
ունեցաւ
շուտով
ետ
քաշուելու,
եւ
ինչուան
Անտիոք
փախչելու
իր
անարժան
սիրոյն
զբաղելու,
եւ
ապա
հեռու
եւ
օտար
երկիրներ,
աւելի
օտար
ու
անվայել
կրքեր
փնտռելու.
որով
ամենուն
զզուելի
եղաւ,
եւ
Յունաց
եկեղեցւոյ
նզովից
տակ
ընկաւ.
այլ
իր
ամպարշտութիւնն
եւ
ամբարտաւանութիւնն
գրեթէ
հաւասար
էին.
որով
եւ
յետ
շատ
տարիներու՝
Մանուէլի
մահուանէն
վերջը`
իր
այնքան
ագահութեամբ
եւ
անկարգութեամբ
փափագած
կայսերական
գահն
ալ
գրաւեց,
եւ
պղծեց
նորանոր
չարութեամբք
եւ
անգթութեամբք՝
մինչեւ
ինքն
ալ
չարաչար
մահուամբ
սպանուեցաւ
(1185)։
Իսկ
հիմա
իրեն
տեղ՝
միանգամայն
եւ
իբրեւ
փեսացու
Փիլիպպինեայ
ղրկեց
կայսրն
զնախայիշեալ
դուքսն
Կոստանդին
Կալաման.
այլ
եւ
սա
կրկնակի
դըժբաղդ
եղաւ
զի
Փիլիպպինեայ
սիրտը
վաստըկիլ
չկարնալով,
գոնէ
Թորոսի
վրայ
յաղթութիւն
մը
վաստըկիլ
ուզեց.
եւ
Տարսոնի
քով
զարնուելով
անոր
հետ՝
ոչ
միայն
մեծ
կորուստով
յաղթուեցաւ,
այլեւ
նորէն
գերի
ընկաւ
մեր
քաջայաղթ
Թորոսի
ձեռքը,
ուսկից՝
ծանր
փրկանք
տալով
կայսրն՝
երկրորդ
անգամ
գնեց
եւ
ազատեց։
Բայց
այնուհետեւ
Կիւլիկիա
կայսեր
համար
կորած
էր,
եւ
Թորոսի
իշխանութեան
տակ
հաստատուած.
որ
հիմայ
անխիղճ՝
նորէն
տիրեց
Մամեստիոյ,
ուր
որ
կայսեր
տեղակալ
դուքսն
նստէր
երբեմն,
եւ
թուի
թէ
Թորոս
ալ
իր
վերջի
տարիները
հօս
նստաւ.
ասոր
համար
պիտի
ըլլայ
Սմբատ
պատմըչի
յատկաբար
կոչելն
զԹորոս՝
անոր
մահը
յիշած
ատեն,
թէ
«մեռաւ
Պարոն
Թորոս
որդի
Լեւոնի,
տէրն
Մսիսայ».
որ
էր
տէր
եւ
գրեթէ
բոլոր
Կիւլիկիոյ
եւ
մեծ
մասին
Իսաւրիոյ
եւ
Փռիւգիոյ։
Եւ
այսպէս
իրաւամբք
հաստատելով
քաջութեամբ
նուաճածը,
ամեն
մերձաւորաց
ահաւոր
եւ
սիրելի
ըլլալով,
հեռաւորաց
ալ
համբաւելի,
եւ
թէ՛
քրիստոնէից,
թէ՛
այլակրօնից
պատկառելի,
մեր
ազգային
պատմութեան
մէջ
շատ
բարձր
տեղ
մը
բռնելով,
հանդարտութեամբ
տեսաւ
անվրիպելի
մահուն
մերձենալը,
յետ
բազմամեայ
անդադար
աշխատանաց,
պատերազմաց,
շինութեանց
եւ
ամրութեանց։
Ի
11
մայիսի
կը
նշանակեն
իր
մահը
արքունական
Յայսմաւուրք,
1168
տարւոյն,
թէ
եւ
ոմանք
մէկ
երկու
եւ
ինչուան
չորս
տարի
ալ
վերջը
կը
դնեն
զայն։
Յայտ
է
որ
Թորոս
դեռ
կատարեալ
տարիքն
առած
չէր,
կամք
չէր
ալեւորած,
բայց
եթէ
իր
շատ
քրտամբք
եւ
արդեամբք,
եւ
հազիւ
45–50-ամեայ
մը
կըրնար
ըլլալ։
Մէկ
մանչ
զաւակ
մ՚ունէր՝
դեռ
տղայ
տարօք,
զոր
յանձնեց
՚ի
խնամն
իր
աներոջը՝
որ
կոչուէր
Թովմաս,
եւ
երեւի
թէ
Անտիոքայ
կողմերը
բնակող
ազնուական
մ՚էր։
Իշխանազուն
տղայոց
խնամակալք
եւ
տէրութեան
հոգացողքն՝
Պայլ
կ՚ըսուէին
մեր
Ռուբինեանց
տէրութեան
ատեն.
այսպէս
անուանեց
Թորոս
զԹովմաս՝
իր
իշխանաց
առջեւ,
եւ
յետ
զամեն
բան
յանձնելու
եւ
կտակելու,
մնացեալ
մտածութիւնն
ալ
դարձուց
բոլոր
իր
հանդերձեալ
կենաց.
կրօնաւորական
հագուստ
բերել
եւ
օրհնել
տուաւ,
եւ
այն
խոնարհ
ձեւով
ցուցուց
յետին
օրերուն,
թէ
ուր
կը
վերջանան
այնքան
կիրք
եւ
կռիւք։
Մարմինը
փառօք
թաղեցին
՚ի
Դրազարկ
վանքը,
զոր
իր
հօրեղբայրն
Թորոս
Ա
շիներ
էր,
եւ
հօն
հանգչէր.
ուր
որ
յետոյ
շատ
թագաւորք
եւ
թագուհիք
Հայոց
ալ
հանգուցան։
Թորոս
քաջութեան
պէս
բարեպաշտութեան
եւ
զգօնութեան
ալ
մեծ
համբաւ
ունէր,
եւ
գերագոյն
աստիճանի
մը,
եթէ
լսենք
Վահրամայ
Րաբունոյ.
«Էր
սա
մարմնով
յառաջացեալ,
Այլ
եւ
հոգւով
յոյժ
զօրացեալ.
Զողորմութիւն
ադաս
տըւեալ,
Ըստ
արեգական
լուսոյ
փայլեալ.
Բարեաց
գործովք
բարգաւաճեալ,
Եւ
հաւատով
պայծառացեալ.
Աստուածային
գըրովք
վարժեալ,
Եւ
յիմաստից
արուեստ
մըտեալ։
Ասեն,
հոգի
սա
ընկալեալ
Մարգարէի
հաւասարեալ,
Որով
դըժուար
բանըս
լուծեալ,
Որ
գըտանի
այժմըս
գըրեալ։
Յամենայնի
փառազարդեալ,
Եւ
Աստուծոյ
հաճոյս
կացեալ»։
Իցի՜ւ
թէ
եւ
մեր
ժամանակին
այժմըն
ալ
մնացեալ
ըլլային
այդպիսի
թրաթափ
հեղինակի
մը
մեկնաբանութիւնք,
եւ
զինուց
գծածին
հետ
գրչի
գծածքն
ալ
բաղդատէինք.
որոց
հետ
փափագելի
էր
իր
գործոց
հաւաստագոյն
պատմութիւնն
կամ
ժամանակագրութիւնն
ալ
գտնել,
որով
իր
ժամանակին
դիւցազանց
ո՛ր
դիրքը
դնելնիս
աւելի
կը
ստուգէինք.
առ
այժմ՝
ոչ
միայն
ազգայնութեան
սիրով,
այլ
եւ
ժամանակակից
եւ
յետագայ
թէ՛
արեւմըտեան
եւ
թէ՛
արեւելեան
պատմըչաց
վկայութեամբք՝
չենք
զանգիտեր
առաջին
տեղը
տալու,
միշտ
քաջութեան
հետ՝
խոհեմութիւնն
ալ
դիտելով,
որով
հաւասար
ահաւոր
եւ
սիրելի
եղած
եւ
ըսուած
էր։
Ցաւալի
էր
որ
իրեն
արժանաւոր
եւ
չափահասակ
անմիջական
հետամնաց
չուներ,
որ
նոյն
իր
ոգւով
եւ
ոճով
իշխանութիւնը
բանեցընէր.
եւ
գուցէ
դարձեալ
Թովմասու
պայլութեամբ
այս
բանս
յաջողէր՝
եթէ
նախանձոտ
եւ
չարաճիճ
Մլեհն
չըլլար,
որ
եղբօրը
մահը
լսելուն՝
մէկէն
քիչ
մարդով
փութացաւ
մտաւ
՚ի
Կիւլիկիա,
պարոնութիւնը
առնուլ.
Հայք՝
որ
արդէն
զզուած
էին
իրմէ՝
դէմ
կեցան
օգնութեամբ
Անտիոքայ
իշխանին
եւ
Երուսաղէմի
թագաւորին,
ու
վռընտեցին։
Նա
իր
բարեկամ
Նուրէտտին
Սուլտանին
դիմեց,
որ
եկաւ
Փռանկաց
Կրակ
բերդը
պաշարելու.
դաշնակիցք
հօն
փութացան
ազատելու.
Նուրէտտին
յետ
քաշուեցաւ։
Մլեհ
անոր
հեծելազօրաց
մեծ
գնդով
մտաւ
նորէն
՚ի
Կիւլիկիա
(1170),
եւ
աւելի
քան
զԹուրքս
անգթօրէն
դատեց
եւ
թալնեց`
իր
հակառակորդները
բռնեց
բանտեց,
ստսացուածքնին
յափշտակեց,
եւ
անկէ
թանկագին՝
անձանց
պարկեշտութիւնն
ալ,
եպիսկոպոսաց
բերնին
տալով
հայհոյութեամբ
եւ
ծեծով՝
ատամնին
թափեց,
զամենքը
դողացուց,
նուաճեց`
ապա
Թուրքերը
առատ
պարգեւներով
ետ
դարձուց,
եւ
բռնաբար
նստաւ
իր
եղբօրն
այնքան
քաջութեամբ
եւ
ազնուութեամբ
կանգնած
աթոռը։
«Էր
այր
գազանամիտ
եւ
չար
եւ
անողորմ,
եւ
ատէին
զնա
ամենեքեան,
եւ
ցանկային
փախչել
՚ի
նմանէ.
բայց
առ
ժամն
չգտանէին
տեղի»,
կ՚ըսէ
Պատմիչն
Սմբատ։
Բայց
միայն
Պայլն
Թովմաս
անհրաժեշտ
պէտք
էր
որ
գտնէ
տեղ
մը,
իրմէ
աւելի
իր
պատուական
աւանդին
համար,
որ
Էր
Ռուբէն,
որդին
Թորոսի.
զոր
առաւ
փախաւ
յԱնտիոք.
այլ
անկէ
աւելի
ապահով
տեղ
փնտռելով՝
խաւրեց
սանուկը
ամենէն
անկասկած
եւ
ամենէն
սըրբազան
տեղ
մը ,
Շնորհալւոյ
գիրկը,
որ
այն
ատեն
կաթողիկոս
էր
ի
Հռոմկլայ։
Սփսոս,
որ
տղայն՝
Ռուբէնիկ,
տարաժամ
կտրած
ծաղկի
մը
պէս
թոռմեցաւ.
այլ
դեռ
երջանի՜կ
որ
իր
կարճատեւ
անմեղութեան
հոտն
խառնեց
Շնորհալւոյ
անմահութեան
բուրմանց
մէջ,
եւ
այնպիսի
աստուածարեալ
ձեռօք
դրուեցաւ
անոր
ծերունի
վկայասէր
եղբօր
քով,
որոց
քով
քիչ
ատենէն
ինքն
ալ
պիտի
հանգչէր։
Գուցէ
կարծեց
անզգամն
Մլեհ՝
մեծ
կասկածէ
մը
ազատուած
ըլլալ՝
անմեղ
տղուն
մահուամբը.
եւ
առանց
զգաստանալու
անխտիր
կը
շարունակէր
բռնութիւնը
եւ
բռնաբարութիւնը,
ո՛ր
եւ
է
ազգի
մարդկան
դէմ,
եւ
աւելի
ընդդէմ
կրօնից
եւ
իր
հին
կարգակցաց՝
Տաճարական
ասպետաց,
որոց
Թորոս
շատ
կալուածներ
պարգեւեր
էր։
Անգամ
մ՚ալ
Երուսաղէմի
թագաւորն՝
Տիւրոսի
եպիսկոպոսը
եւ
ազնուական
կոմս
մը
դեսպան
կը
խաւրէր
առ
Մանուէլ
կայսր
(1171),
երբ
Մամեստիոյ
մօտերէն
կանցնէին՝
Մլեհ
բռնել
եւ
կողոպտել
տուաւ
զանոնք,
յետոյ
միայն
քուրջերով
եւ
անպիտան
ձիերով
թողուց
որ
երթան։
Ուրիշ
անգամ
ալ
Պաղեստինոյ
կողմերը
ասպատակեց
(1172),
բայց
Ասպետք
չթողուցին
ավելի
անզգամելու։
Իսկ
ինքն
աւելի
ապահովութեան
համար
ընդդէմ
Լատինաց
եւ
Յունաց,
(որովհետեւ
Մանուէլ
նորէն
կը
ջանար
նուաճել
զԿիւլիկիա),
դաշնակցեցաւ
եւ
Իկոնիոյ
Սուլտանին
հետ,
ու
առանց
յայտնի
պատերազմ
հրատարակելու՝
Յունաց
Փ.
Ասիոյ
գաւառներուն
մէջ
ասպատակել
կու
տար.
ուսկից
ծագեցաւ
յայտնի
պատերազմ
կայսեր
եւ
սուլտանին
մէջ։
Նուրէտտինի
հետ
ալ
այնքան
սերտ
բարեկամ
էր,
որ
զիրար
եղբայր
կ՚անուանէին,
եւ
կարծուի
ալ
թէ
՚ի
նշան
միաբանութեան
դրամ
ալ
կոխած
են։
Ամեն
ազգային
իշխաններէն
աւելի
նեղեց
մեր
Լամբրոնացիները.
nրովհետեւ
Հեթում՝
ինչպէս
առաջ
յիշեցինք
(292)
յետ
մահուան
Թորոսի՝
անոր
դուստրը
հեռացուցեր
էր
իրմէ։
Մլեհ
իբրեւ
վրէժխնդիր
եղբօրը
պատւոյն՝
սրով
եւ
հրով
ապականեց
Լամբրոնի
սահմանները,
չկարնալով
բերդին
ալ
տիրել։
Այսքան
անկարգ
եւ
անգութ
գործոց
ա՛լ
չկարնալով
դիմանալ
իշխանքն՝
վերջապէս
հնարք
գտան
սպաննելու
զինքը
՚ի
Սիս
(1176),
զոր
նոր
շիներ
կամ
նորոգեր
էր
Մլեհ,
եւ
զոր
յետոյ
աւելի
շէնցընելով
իր
եղբօրորդին
Լեւոն
Բ.
թագաւորանիստ
քաղաք
ըրաւ։
Մլեհի
մարմինը`
ըսին
ոմանք
թէ
շներու
ձգեցին,
բայց
յայտ
է
որ
թէ՛
մասամբ,
թէ՛
բոլոր՝
տարին
թաղեցին
՚ի
Մեծքար
վանքը.
վասն
զի
որքան
ալ
գործովք
անկարգ
եւ
անկրօն
էր՝
յայտնպէս
ուրացած
չէր
զքիստոնէութիւն.
Նուրէտտինի
անուամբ
գտուած
քանի
մը
դրամոց
վրայ
խաչի
նշանն
ալ
այս
բանիս
հաւաստիք
կարծուի։
—
Մլեհ
հարճորդի
մ՚ունէր
Ռուբէն
անուամբ,
որոյ
ինչ
ըլլալն
յայտնի
չէ,
իսկ
օրինաւոր
կնկանէն
(որ
Պահլաունեաց
ցեղէն
էր)
[15]
Դոլետա
կամ
Տալիթա
անուամբ
դուստր
մը,
զոր
կին
առաւ
Ժիպլէի
փռանկ
իշխանն
Պերդրան։
Մլեհի
տեղ
իշխանք
Հայոց
իրենց
Պարոն
դրին
զանդրանիկ
որդին
Ստեփանէի՝
Ռուբէն
Բ.
կամ՝
Գ.,
որոյ
ժամանակն
մեր
պատմութեան
շրջանէն
դուրս
կ՚ելնէ.
միայն
զայս
ըսենք,
որ
սա
Տարսոն
քաղաքն
ալ
գնելով
յԱնտիոքայ
իշխանէն
(որոյ
ձեռք
ընկեր
էր
այն
ատեն),
բոլոր
Կիւլիկիոյ
տէր
եղաւ,
վերջին
անգամ
Յունաց
հետ
հակառակելով.
եւ
անկէ
ետեւ
կայսերք
ետ
կեցան
այն
Հին
աշխարհքէն,
մանաւանդ
թէ
վաւերացուցին
Հայոց
ժառանգութիւնը,
արքայական
թագ
ղրկելով
Ռուբենի
եղբօր`
Բ
Լեւոնի
(1199)։
Յետ
ճանչնալու
ըստ
բաւականին
մեր
Կիւլիկեցւոց
քաղաքական
վիճակը՝
Շնորհալւոյ
կաթողիկոսութեան
ատեն
եւ
անկէ
առաջ,
եւ
այն
անձինքը
որոց
հետ
քիչ
շատ
յարաբերութիւն
մ՚ունեցաւ,
դառնանք
այսուհետեւ
իր
աւելի
հանդիսական
գործերը
տեսնելու
բարձրագույն
աստիճանի
վրայ։
[1]
Յետ
ինն
տարւոյ
գերութեան
կ՚ըսուի
Թորոսի
դարձին,
որ
կ՝ըլլայ
միջոց
1137—1145
տարիներու
եւ
յիրաւի
Լեւոն
գերեցաւ
յամի
1137,
այլ
Թորոսի
դարձին
տարւոյն
չեն
միաբանիր
պատմիչք
մեր։
[2]
Միխայիլ
Ասորի
պատմիչ
Թորոսի
երթալուն
պատճառ
կը
դնէ
Ճոսլինի
դուստրը
իրեն
կին
առնուլ.
որ
Հաւանական
չերեւիր,
թէ
մերձաւոր
խնամութեանն
համար,
զի
իր
քեռ
թոռը
կ՚ըլլայ
կինն,
եւ
թէ
արդէն
պատմըչաց
յայտնի
յիշելով՝
որ
իր
աներն
էր
Թոմաս
Պայլ
կոչուած
լատին
իշխան
մը :
[5]
Ըստ
Միխայէլի
Ասորւոյ
այս
տեղս
էր
Խաւատանէք
վիճակն
Սեբաստիոյ
կողմերը.
բայց
ժամանակագրութեան
մէջ
սխալմամբ
Հայոց
թուականն
10
տարի
պակաս
գըրուած
է,
ՇՂԳ,
փոխանակ
ՈԳ
գրելու։
[6]
Ոմանք
՚ի
պատմըտաց
մերոց,
Սմբատ
եւ
Ուռհայեցին,
զԹորոս
կ՚ըսեն
խրատտու
Ռընալտայ,
եւ
գործակից
այս
անգութ
ասպատակութեան,
սակայն
Գուլիելմ
Տիւրացի
ժամանակակից
հաւատարիմ
պատմիչն,
որ
յիշէ
Ռընալտի
յարձակմունքը
յերկիր
Թորոսի,
եւ
յետոյ
դարձեալ
կը
յիշէ
զԹորոս
գովութեամբ՝
իբրեւ
օգնական
լատինաց,
Կիպրոսի
յարձակմունքը
միայն
Ռընալտայ
գործ
կը
պատմէ .
այսպէս
եւ
ուրիշ
օտար
պատմիչք։
Մեր
պատմիչք
ալ
չեն
յիշեր
Ռընալտի
արշաւանքն
՚ի
Կիլիկիա,
ընդէմ
Թորոսի։
[7]
Վասն
զի
ոմանք
՚ի
պատմչաց
եւ
ժամանակագրաց՝
ընդդէմ
կամաց
Թորոսի
կ՚ըսեն
Ստեփանէի
բոլոր
ըրածները,
ոմանք
ալ
հաւանութեամբ։
[8]
Ասոնց
մէջ
էր
քաղքին
Ասորի
եպիսկոպոսն
ալ
գիտնականն
Դիոնիսիոս
կամ՝
Յակոբ
Սալիբայ
որդի,
որ
եւ
հնարք
գտաւ
փախչելու
՚ի
վանս
Ս.
Բարսղի,
եւ
երեք
ողբական
երգ
գրեց
այս
Մարաշայ
առման
եւ
աւերման
վրայ։
(Ասսեմ.
Բ.
317):
Եւ
թուի
թէ
այս
պատճառաւ
գրգռուած՝
Հայոց
հաւատոց
դէմ
ալ
գրած
է
զրպարտութեամբ
կամ
սխալմամբ։
Ինքն
յետոյ
Ամդայ
եպիսկոպոս
ըլլալով`
մեռաւ
յամի
1171:
Սա
յետոյ
ալ
պիտի
յիշուի
մեր
պատմութեան
մէջ:
[9]
Ուռհայեցին
կ'ըսէ
՚ի
մարերի
ամսոյ
մինչեւ
՚ի
յուլիս
ամիս.
մէկն
հայ
եւ
միւսն
լատին
անուամբ
ըլլալով
մեր
օրինակաց
մէջ՝
կարծեմք
թէ
մարտի
կարդալու
է
եւ
ոչ
մարերի.
վասն
զի
ուրիշ
շատ
տեղ
ալ
լատին
ամիս
կը
գործածէ
պատմիչս.
իսկ
եթէ
ստուգիւ
մարերի
էր՝
նոյեմբերի
ամսոյն
կը
պատշաճի
այն
(1156)
տարին,
թէ
ոչ՝
երկու
ամիսքն
ալ
1157
տարւոյն
կ՚ըլլան։
[10]
Sicut
vir
impiger
erat
et
strenuus.
Gorill.
Skup.
Գուլ.
Տիւր։
[11]
Ռընալտ
ազատեցաւ
յամի
1176,
եւ
իր
առջի
ժառանգութեան
տեղը
դարձաւ,
՚ի
բերդն
Կրակ,
Արաբիոյ
կողմերը.
յամին
1187
Տիբերիայի
մեծ
կռուին
(5
յուլ.
)
յաղթուելով՝
բերուեցաւ
Սալահէտտինի
առջեւ
որ,
իր
ձեռօք
կտրեց
անոր
տաք
այլ
թեթեւ
գլուխը:
[12]
Կոստանդիա
իրեն
նման
իշխանասէր
մայր
մ՚ունէր,
Ալիզա,
որ
էր
դուստր
Բ
Պալտին
թագաւորին
Երուսաղէմի
եւ
հայ
թագուհւոյ
մը,
զոր
Մարսիլիա
անուանեն
արեւմտեայ
պատմիչք,
եւ
դուստր
էր
Գաբրիէլի
իշխանի
Մելիտինոյ,
որ
եւ
Ղավրիլ
կոչի
ըստ
Յունաց.
ասոր
մէկ
դուստրն
ալ
առած
էր
Թորոս
իշխողն
Եդեսիոյ
(188):
Մարսիլիա
արու
զաւակ
չունենալով՝
իր
անդրանիկ
դըստեր
Մելիսինտայ
փեսայացուցին
զՓուլկ`
կոմսն
Անժուի՝
եւ
թագաւորեցուցին
Երուսաղէմի
(1131)։
[13]
Կամ
Դուկիմ:
Շատ
փափաքելի
Էր
այս
քաղքիս
դիրքը
կամ
իսկութիւնը
գտնել,
որով
եւ
Թորոսի
տէրութեան
արեւելեան
հիւսիսային
սահմանները:
Բենիամին
Թորոսի
երկիրը
եկած
համարուի
(1163—4
թուին,
եւ
մեռած՝
Շնորհալւոյ
վախճանած
տարին,
1173:
[15]
Մլեհ
Գրիգորի
Տղայոյ
փեսայ
կ՚անուանի
(՚ի
Միխայէլէ
Ասորւոյ):
Տե՛ս
՚ի
ծանօթ.
երես
14։