ԻԳ.
Եկեղեցական
բարեկարգութիւնք
Շնորհալւոյ.
—
Հոգ
Եպիսկոպոսաց.
թիւ
եւ
կարգ
սոցա.
—
Կանոնք.
—
Խնամք
՚ի
վերայ
Կրօնաւորաց,
Տղայոց,
Աղքատաց,
Ծառայից.
—
Երգ
վասն
գիշերապահից.
—
Հանելուկք։
Յակոբայ
կաթողիկոսի
վերոյիշեալ
խրատն
առ
եպիսկոպոսունս՝
ստէպ
կարդալու
իրենց
համար
գրուածն
՚ի
Շնորհալւոյն,
աներկբայ
կը
յայտնէ
երկուքին
ալ
լաւ
գիտնալը՝
որ
եկեղեցւոյ
ուղղութիւնն
գլխաւորապէս
եպիսկոպոսաց
կախուի
եւ
հայրապետն՝
ժողովուրդը
եւ
կղերը
բարեկարգելու
համար՝
նախ
պէտք
է
որ
բարեկարգ
եպիսկոպոսներ
հաստատէ,
ապա
թէ
ոչ՝
քահանայք
եպիսկոպոսին
անկարգութեանց
կը
հետեւին,
ժողովուրդն
ալ
քահանայից,
կամ
ամենքն
իրենց
յօժարութեանց,
չպատկառելով
իրենց
վերակացուներէն,
որոց
վրայ
միայն
աստիճանին
պատիւը
կը
տեսնեն
եւ
ոչ
վարուց
եւ
արդեանց
համաձայնութիւն։
Որքան
ալ
յայտնապէս
կը
տեսնէր
զայս
Ներսէս՝
ժամանակին
պարագայից
նկատմամբ
չէր
կըրնար
աւելի
տիրաբար
գործել
եւ
սաստել,
որպէս
երբեմն
իր
Հին
նախահայրն
Ս.
Սահակ.
աշխարհական
իշխանութեան
կամ
թագաւորական
թեւարկութեան
նպաստն
ալ
հարկաւոր
էր
այս
բանիս,
ապա
ինքն
զուրկ
ասոնցմէ՝
իր
տաք
սրտովն,
շնորհալի
խօսքովն
եւ
անբիծ
վարուք՝
կրնար
ազդել
եւ
ազդեց։
Բայց
ասկէ
զատ
մէկ
հնարք
մ՚ալ
կը
մնար
իրեն.
-
ձեռնադրութեան
բանալին,
որ
իր
ձեռքն
էր.
գոնէ
ասով
կրնար
որոշել
զարժանաւորս
յանարժանից
՚ի
նոր
ընտրութիւնս,
եթէ
առաջինները
չէր
կըրնար
շարժել
ըստ
կամի.
«Ունէր
հաստատաբար
՚ի
մտի,
կ՚ըսէ
պատմիչն,
եւ
զգրեալսն
Պաւղոսի
առ
Տիմոթէոս,
թէ
Մի՛
վաղվաղուկ
ձեռնադրութեամբ՝
լիցիս
կցորդ
մեղաց
օտարաց.
եւ
ոչ
զայլ
ոք
երբեք
յաստիճան
եպիսկոպոսութեան
կոչէր,
բայց
եթէ
զարս
իմաստունս
եւ
զգիտնականս,
որք
վարժք
եւ
կիրթք
լինէին
յօրէնս
Աստուծոյ
եւ
բեւեռեալք
յերկիւղ
նորա։
Զորս
մեծաւ
զգուշութեամբ
եւ
երկայնահոգի
ընտրութեամբ
քննէր
՚ի
բազում
աւուրս,
՚ի
ժամանակս,
եւ
ապա
ես
պէսպէս
ուսուցանելոյ
եւ
խրատելոյ
աստուածայնօքն՝
առնէր
աստիճանի
հովուութեան
արժանի»։
Ասկէ
ալ
յայտ
է
որ
եպիսկոպոսաց
թիւը
եւ
թեմը
չէր
աճեցըներ
վայրապար,
շատ
վիճակաց
եւ
մեծ
նահանգի
հովուապետ
երեւնալ
ուզելով,
այլ
միայն
անհրաժեշտ
հարկաւ՝
երբ
օրինաւոր
վիճակ
մը
կարօտէր
իր
հովուին։
Իր
եօթնամեայ
հովուապետութեան
ժամանակ
միայն
եօթն
եպիսկոպոս
ձեռնադրեր
է,
որպէս
աւանդեն։
Ասոնց
մէկն
միայն
ծանօթ
է,
իրեն
համար
գրուած
կոնդակովն,
եւ
արժան
համարիմք
յիշելու։
Հին
Վանանդ
գաւառին
եւ
դեռ
դար
մ՚առաջ
թագաւորական
Աթոռ
մ՚եղած
Կարս
քաղաքին
եպիսկոպոսն՝
Տէր
Աբրահամ`
վախճաներ
էր,
որոյ
տեղ
իր
ազգական
Խաչատուր
քահանայն
ընտրեցին
թեմականքն,
եւ
վկայական
թղթով
խաւրեցին
առ
Ներսէս,
ինչպէս
որ
հին
եւ
բարի
սովորութիւն
էր՝
իւրաքանչիւր
եկեղեցւոյ
իր
հովիւներն
ընտրելու
եւ
ներկայացընելու
առ
հովուապետն.
«զոր
եւ
ընկալեալ
մեր,
կ՚ըսէ
Շնորհալին,
եւ
հաւատացեալ
վկայութեանս՝
որ
՚ի
ձէնջ
թղթով
եւ
բանիւ,
(որով
կ՚իմացընէ
Խաչատրոյ
հետ
եկողներուն
առանձին
հարցընելն
եւ
քննելն
զնա),
կատարեցաք
՚ի
վերայ
դորա
զաստուածային
խորհըրդածութեանցն
ձեռնադրութիւնս,
յաստիճան
եպիսկոպոսութեան
վերակոչելով
կենսակիր
խաչիւս
եւ
աստուածախօս
աւետարանաւս,
եւ
Ս.
Լուսաւորչին
աջովս».
եւ
այլն։
Այս
առթով
կ՚իմացընէ
ալ
ամենուն,
թէ
ի՛նչպէս
պիտի
կատարէ
ձեռնադրեալ
եպիսկոպոսն
իր
պարտքերը.
մանաւանդ
յընտրութեան
ձեռնադրելի
քահանայից.
եւ
օրինաւոր
պսակը
չլուծելու,
«որպէս
լսեմք
զոմանց
եպիսկոպոսաց
արեւելից,
զի
արհամարհելով
զօրէնս
Աստուծոյ՝
բաժաննեն
անխտրաբար,
սակս
սակաւ
ինչ
կուրացուցիչ
մամոնայի»։
Ապա
կը
յիշեցընէ
որ
եպիսկոպոսն
պէտք
է
ամենայն
բարի
գործովք
օրինակ
ըլլայ
քահանայից
եւ
ժողովրդեան,
եւ
քարոզութեամբ
ալ
զնոյն
սովրեցընէ,
որպէս
զի
անոնք
ալ
հետեւին
իրենց
հովուին.
զգոյշ
ըլլան
յանառակութենէ,
յանկարգաբանութենէ,
յանիրաւութենէ,
եւ
այլն։
Եւ
ապա
հայրական
առատ
օրհնութեամբք
կ՚աւարտէ.
«Ի
մտանել
դորա
յաշխարհդ
այդ՝
մտցէ
եւ
շնորհք
ողորմութեանն
Աստուծոյ
առ
ձեզ.
եւ
բարձցէ
՚ի
ձէնջ
զամենայն
պատուհաս
որ
վասն
մեղաց,
եւ
տացէ
պտղաբերութիւն
երկրի
ձերում,
եւ
զաճումն
անդէոց,
եւ
զբարերարութիւն
թագաւորացդ,
եւ
զխաղաղութիւն
արտաքին
թշնամեաց
եւ
զշինութիւնն
աշխարհաց»,
եւ
այլն•••
«
Շնորհեցաք
ձեզ
«
դովա
եւ••
զմիւռոնն
սուրբ
»,
եւ
այլն
…
Իրենց
քաղաքին
գովութիւնն
ալ
կ՚ընէ
ի
սկզբան
թըղթին,
«յանմատոյց
դղեակդ
եւ
՚ի
հոյակապ
քաղաքդ
Կարս,
եւ
որ
ընդ
դովաւ
նահանգք
գեղորէից,
վանորէից
եւ
ագարակաց»։
Կարս
այս
ատենները
երբեմն
Վրաց
թագաւորաց
ձեռք
կ՚ինկնար,
երբեմն
ալ
Անոյ
տիրող
այլազգեաց։
Ժողովրդեան
դասակարգութիւնն
ալ,
առ
որս
գրէ,
նման
Ընդհանրականին
մէջ
դրած
կարգին
կը
դասէ.
նախ
կրօնաւոր,
յետոյ
քահանայ,
ապա
իչխան,
զինուոր,
վաճառական,
տանուտէր
(fermier),
երկրագործ,
ձեռահմուտ
արուեստագէտ,
իւրաքանչիւրին
ալ
պատշաճ
պատուոյ
մակդիրներով,
եւ
ամենուն
մէկէն
կու
տայ
ողջոյն
եւ
օրհնութիւն
«յաստուածընկալ
սուրբ
նշանացս,
եւ
առաքելական
աշխարացս,
եւ
ի
Սուրբ
Լուսաւորչին
մերոյ
աջէս,
եւ
յաթոռոյս,
եւ
՚ի
մէնջ»:
Յիշեցինք
զասոնք՝
որպէս
զի
օրինակ
մ՚ըլլան
Շնորհալւոյ
կաթողիկոսական
թղթոց
ձեւին,
որում
յետագայք
ալ
հետեւեցան,
իսկ
ինքն
զինքն
կանուանէ
սովորաբար
պարզապէս,
«Ներսէս
ծառայ
Քրիստոսի
եւ
ողորմութեամբ
նորին
կաթողիկոս
Հայոց»։
—
Այս
նորընծայ
կամ
(ինչպէս
կոնդակին
վերնագիրն
կ՚ըսէ)
Նորակերտ
եպիսկոպոսն
Խաչատուր
կը
ներկայանայ
Հռոմկլայի
անուանի
ժողովին
մէջ
յամի
1179,
գուցէ
իբր
10
տարի
ձեռնադրութենէն
ետեւ,
ուրիշ
30
եպիս.
կոպոսաց
հետ։
Եւ
զի
եպիսկոպոսաց
վրայ
է
խօսքերնիս՝
անշուշտ
հետաքննելի
է
անոնց
այն
ատենուան
թիւն
եւ
աթոռակարդութիւնն,
զոր
դժբաղդաբար
ոչ
ոք
՚ի
պատմըչաց
չէ
ծանուցած
կամ
թուած
որոշակի,
ոչ
առաջ
եւ
ոչ
վերջը.
կամ
լաւ
եւս
ըսել,
մեզի
չէ
հասած
ստոյգն։
Լուսաւորչի
համար
կ՚ըսէ
Ագաթանգեղոս՝
թէ
400-էն
աւելի
եպիսկոպոս
ձեռնադրեց,
որ
եւ
այն
հին
ատենի
սովորութեան
համեմատ
եւ
Հայոց
բազմութեան՝
շատ
զարմանալի
չէ.
միայն
թէ
չենք
կըրնար
որոշել
թէ
արդեօք
քորեպիսկոպոսք
ալ
նոյն
թուին
մէջ
էին
թէ
դուրս,
որովհետեւ
ուրիշ
պատմիչք
կիմացընէն,
որ
30
գլխաւոր
եպիսկոպոսք
կային,
որք
եւ
աթոոռընկալք
այսինքն
նախաթոռք
կոչէին.
այս
միայն
հաւանական
կ՚երեւի
որ
30-էն
շատ
աւելի
պէտք
է
ըլլալ
եպիսկոպոսաց
թիւն.
եւ
եթէ
ամէն
գաւառի
ալ
մէկ
եպիսկոպոս
մը
դրուէր՝
դարձեալ
պէտք
էր
քանի
մը
հարիւր
ըլլալ,
չընդունելով
ալ
ժամանակակից
Զենոբայ
պատմըչի
յիշած
Հայոց
620
գաւառները,
զոր
այլք
665
ալ
կ՚ըսեն,
այլ
բնիկ
Մեծ
Հայոց
գաւառքն
էին
իբրեւ
200,
որոց
չափը
եւ
իշխանութիը
չեմք
գիտեր։
Զ
դարու
մէջ
Յուստինիանոս
կայսեր
ատեն
եւ
անկէ
ետեւ
Յունաց
կայսերութեան
բաժին
եղած
Հայոց՝
քանի
մը
նահանգաց
յիշեալ
եպիսկոպոսաց
թիւն
ալ
նկատելով՝
դարձեալ
բոլոր
Հայոց
քանի
մը
հարիւր
եպիսկոպոս
պատշաճ
կ՚երեւի։
Առաքէլ
Սիւնեցի
քերդողն
(՚ի
ԺԵ
դարու)
Մեծն
Ներսիսի
համար
կ՚աւանդէ.
«Եպիսկոպոս
օրհնեաց
շնորհօք
սուրբ
Հոգւոյն՝
Եօթըն
հարիւր
թըւով,
այլ
եւ
քառասուն».
այսպէս
կ՚աւանդեն
Յայսմաւուրք
ալ,
թէ
մինչ
կաթողիկոս
մեր
իրեն
բնական
աթոռն
էր՝
յԱնի,
«այնքան
փարթամ
էր՝
որ
ունէր
700
եպիսկոպոսունս
700
թեմից».
եւ
թուի
թէ
Մատթէոսի
Ուռհայեցւոյ
խօսքը
կրկնելով
Պետրոսի
Գետադարձի
համար,
որ
500
եպիսկոպոս
կ՚ըսէ
(ԵՃ,
գաղափարողք
ԷՃ
փոխեր
են),
որ
թէ
եւ
չափազանց
երեւի՝
այլ
ոչ
որչափ
առաջ
տեսանք
(180)
Լատինացւոց
ըսածն
կամ
լսածն՝
մինչեւ
1000
եպիսկոպոս։
Ինչուան
հիմայ
գրուած
ժողովոց
պատմութեանց
մէջ
անուանք
ստորագրող
եպիսկոպոսաց
40
կամ`
30-ը
չեն
անցնիր.
նոր
յիշեալ
Հռոմկլայի
ժողովին
մէջ
Աղուանից
կաթողիկոսին
հետ
մէկտեղ
32
եպիսկոպոսունք
կային.
բայց
պատմութիւնը
կըսէ
թէ
կաթողիկոսն
մեր
Գրիգոր
Տղայ՝
առաջուց
Արեւելեան
36
եպիսկոպոսաց
հաւանութիւնն
առեր
էր
[1].
ժողովին
մէջ
միայն
15
արեւելեան
եպիսկոպոս
գտուին.
եթէ
անոնցմէ
զատ
են
36,
եւ
թէ
անոնց
հետ,
եւ
թէ
այն
36-էն
զատ
գտուէին
եւ
անհաւանք,
բոլորին
թիւն
100-էն
աւելի
չերեւիր։
Շնորհալիէն
դար
մ՚եւ
աւելի
վերջ
արաբագիր
հեղինակ
մ՚ըսած
կ՚երեւի
թէ
Հռոմկլայի
կաթողիկոսն
64
եպիսկոպոսական
թեմ
ունենայ.
բայց
հօս
ալ
որոշ
չեմ
իմանար
թէ
արեւելեան
թեմերն
ալ
ամբողջ
բովանդակա՞ծ
է
թէ
չէ։
Վերջապէս
մեզմէ
200
տարի
առաջ
(1670)
երբ
անուանի
տպագիր
վարդապետն
Երեւանեցի
Ոսկանն՝
յԵւրոպա
էր,
Գաղղիացի
բանասէր
մը
խնդրեց
անկէ
եւ
նա
ալ
նշանակեց
ցանկ
մը
եպիսկոպոսարանաց
Հայոց.
իբրեւ
200,
յորոց
40
միայն
արքեպիսկոպոս
էին,
իսկ
եպիսկոպոսաց
մէկ
մեծ
մասն
ալ
Վանաց
առաջնորդք,
թէ
եւ
փոքր
թեմեր
ալ
ունէին
վանաց
վիճակներն։
Այս
ամեն
յիշատակներէ
մեզի
կ՚երեւի
թէ
մեր
եկեղեցին
առաջին
դարուց
մէջ
100-էն
աւելի
եպիսկոպոս
ունէր,
կրկին
նոյնչափ
ալ
քորեպիսկոպոս.
երթալով
նուազեցան
թիւ
թեմական
եպիսկոպոսաց
ըստ
հին
կարգաւորութեան,
այլ
ատեն
ատեն
շատցան
եպիսկոպոսունք,
կամ
անթեմ
կամ
փոքր
թեմեր
ունենալով,
մանաւանդ
երբ
անոնց
սովորութիւն
եղաւ
վանաց
մէջ
նստիլ,
կամ
վանահարց
եպիսկոպոսանալ,
կամ
լոկ
պատուոյ
համար
եպիսկոպոս
ձեռնադրուիլ.
եւ
ըստ
այսմ
կըրնայ
ըստ
մասին
ճշմարտիլ
Լատինաց
կարծիքն,
յ՚ԺԲ
դարու,
կամ՝
Հայոց
մեծաբանութիւնն։
Իսկ
Եպիսկոպոսաց
նախապատուութեան
եւ
կարգաց
գալով`
մինչեւ
՚ի
ԺԱ
դար,
կամ
քանի
որ
Հայք
իրենց
բնիկ
երկրին
մէջ
էին,
ամենքն
ալ
հաւասար
անուամբ
եւ
իրավամբք
Եպիսկոպոսք
էին,
ոչ
կանոնական
իրաւամբ
մետրապօլիտ
կար
եւ
ոչ
արքեպիսկոպոս,
՚ի
բաց
առեալ
Սիւնեացն
կամ
Մարդպետականն,
որք
միայն
այդպիսի
պատուանուն
մը
կրած
են։
Ի
վերայ
այսր
ամենայնի
՚ի
հնուց
՚ի
վեր
կային
Հայոց
ալ
Գլխաւոր
եպիսկոսոսանք,
որք
էին
իւրաքանչիւր
աշխարհաց
կամ
նախարարութեանց
գլխաւոր
եւ
իշխանանիստ
գաւառին
եւ
քաղաքին
եպիսկոպոսունքն,
եւ
հարկաւ
նոյն
աշխարհին
միւս
եպիսկոպոսաց
մէջ
նախապատիւ
էին,
եւ
երբեմն
հեղինակութիւն
մ՚ալ
ունէին
անոնց
վրայ,
որոց
որպիսութիւնը
քննել
եւ
ճշդելն՝
մեր
գործէն
դուրս
է։
ԺԱ.
դարուն
մէջ
երբ
սկսան
Հայք
գաղթիլ
Յունաց
կայսերութեան
զանազան
կողմերը,
անոնց
գլխաւոր
քաղաքաց
մէջ
արքեպիսկոպոսներ
տեսնելով՝
իրենց
ազգային
եպիսկոպոսներն
ալ
արքեպիսկոպոս
անուանել
սկսան,
իբրու
թէ
անոնցմէ
վար
չմնալու.
իսկ
ԺԲ
դարուն
մէջ
սովորական
կ՚ըլլայ
այդ
վերակոչումն
եւ
նախ
այս
յիշեալ
Հռոմկլայի
ժողովոյն
(1179)
մէջ
է՝
որ
յետ
երկու
կաթողիկոսաց
(Հայոց
եւ
Աղուանից)
ստորագրին
ինն
արքեպիսկոպոսունք,
(Անոյ,
Երուսաղէմի,
Անտիոքայ,
Տարսոնի՝
Ն.
Լամբրոնացին,
եւ
այլն),
ապա
22
եպիսկոպոսունք։
Սոյն
դարուս
վերջերը
եւ
յաջորդին
սկիզբները,
եւ
աւելի
՚ի
Կիւլիկիա,
կը
սկսին
եպիսկոպոսունք
նստիլ
՚ի
վանորայս,
եւ
կ՚անուանին
եպիսկոպոս
այս
ինչ
թեմի
եւ
Տէր
այս
ինչ
վանաց՝
ուր
կը
նըստէր.
զորօրինակ
Սսոյ
եպիսկոպոսին
աթոռն
եւ
վանքն
էր
Դրազարկ,
Մսսայն՝
Արքակաղնի,
Տարսոնին՝
Մլիճ,
Լամբրոնին՝
Սկեւռա,
Անաւարզայն՝
Կասաղօն,
Անտիոքայն՝
Յեսուայ
վանք,
եւ
այլն։
Այսպէս
եղաւ
քիչ
առաջ
կամ
վերջը
եւ
՚ի
Մեծ
Հայս,
այսպէս
են
տեղ
տեղ
եւ
հիմայ։
Թողլով
զայս
եւ
ասոր
նման
խնդիրները
նկատմամբ
եպիսկոպոսաց
եւ
կաթողիկոսի,
մէկ
մը
միայն
յիշեմք,
որ
Շնորհալւոյ
պատմութեան
մէջ
ալ
հարկաւ
կը
մտնէ.
եւ
է
այն
ընծայն
կամ
տուրքն
զոր
ձեռնադրեալն՝
ձեռնադրողին
կը
մատուցանէր,
որ
մի
կողմ
նայելով՝
անվայել
բան
մը
կերեւի,
եւ
իբր
կաշառք
կամ
սիմոնականութիւն.
եւ
երբեմն
յիրաւի
այսպէս
ալ
ըլլալով՝
անարժան
անձանց
մէջ՝
ամենաիրաւի
ալ
անարգուած
է.
այլ
եթէ
հաւատամք
որ
Շնորհալի
մ՚ալ
այսպիսի
ընծայ
ընդունած
է՝
պէտք
է
եւ
հաւատալ,
որ
օրինաւոր
կըրնար
ըլլալ
այդ
բանդ՝
իբրեւ
պատշաճ
unվորութիւն
եւ
ոչ
իբրեւ
հարկ.
մանաւանդ
յորմէ
հետէ
կաթողիկոսաց
սեփական
կալուածքն
կողոպտեցան,
եւ
ինչպես
լսեցինք
ինքնին
Շնորհալւոյ
ըսածը,
որ
եւ
ոչ
գեղ
մը
կամ
ագարակ
մ՚ունէր,
իսկ
եպիսկոպոսք
ժողովրդեան
մէջ
՚ի
հարկէ
բավական
հասոյթ
կը
գտնէին,
ապա
արժան
էր
որ
կաթողիկոսն
ալ
եպիսկոպոսաց
ընդունէր
բաժին
մը։
Այսպէս
էր
մեր
պատմութեան
ատենն
ալ,
եւ
ամենէն
ալ
օրինաւոր
Ճանչցուած,
բաց
՚ի
չարասիրաց
եւ
անոնցմէ
խաբուողներէն.
առջիններն,
զորս
եւ
յետոյ
պիտի
յիշեմք,
իրենց
անկարգ
եւ
անուղղայ
վարուց
համար
մերժուած
՚ի
Շնորհալւոյ,
դատապարտելի
կրիւք
փնտռելով
այնպիսի
անձի
վրա
բամբասելու
բան
մը
գտնել՝
զայս
յիշեր
են
մեղադրութեամբ.
եւ
որովհետեւ
մերժուած
էին
իրենց
ազգէն
եւ
հովուապետէն՝
անցնելով
իրենց
մերձաոր
Ասորւոց,
ինչուան
անոնց
կաթողիկոսին՝
Միխայէլի
քով
համարձակեցան
անդուռն
բերաննին
բանալ։
Այս
անձս
զանազան
առթից
մէջ
յարաբերութիւն
ունեցաւ
Շնորհալւոյ
հետ,
ինչպէս
պիտի
տեսնեմք
յետոյ
եւ
թերեւս
իր
քահանայութեանն
ատեն՝
անոր
թարգմանութեանց
օգնողն
Է՝
՚ի
հաւաքման
վըկայաբանութեանց.
եւ
երբ
յաթոռն
բարձրացաւ՝
ըստ
հին
սովորութեան՝
թղթով
իմացուց
մեր
կաթողիկոսին,
ինչպես
մերն
ալ
Ասորւոց
կ՚իմացնէր։
Սա
կը
յիշէ
իր
պատմութեան
մէջ
վերոյիշեալ
դիպուածը.
եւ
երբ
Գրիգոր
Տղայ
յաջորդեց
հօրեղբօրը՝
Միխայէլ
շնորհաւորութեան
թղթին
մէջ
գրեցի,
կ՚ըսէ,
որ
այդ
արծաթառութիւնը
վերցընեն,
որպէս
զի
չարախօսաց
բերանն
գոցուի։
Սակայն
եթէ
եւ
նա
որոշակի
չըսեր
թէ
Շնորհալին
ալ
կ՚ընդունէր
այս
տուրքը
թԷ
ոչ,
Վարդան
Պատմիչ
շատ
որոշ
կ՚ըսէ
թէ
չէր
ընդուներ.
«Ներսէս
…
եօթն
ամ
պաշտեալ
զպատիւն,
եւ
եօթն
եպիսկոպոս
ձեռնադրեալ
ձրի.
արք
անուանիք
եւ
ընտիրք,
որ
վարդապետ
եւ
որ
փիլիսոփայ»։
Դառնանք
մեր
առաջին
տեսութեան,
որ
Էր
բարեկարգութիւն
եկեղեցւոյ՝
եպիսկոպոսօք.
որոյ
հնարքն՝
ոչ
միայն
անոնց
անձամբ
եւ
վարքով
կըլլայ.
այլեւ
անոնց
ձեռքով
եւ
հեղինակութեամբ,
որուն
կարօտին
եւ
կաթողիկոսք՝
իբրեւ
գործակցաց.
վասն
զի
առանց
եպիսկոպոսաց
ժողովքի
եւ
հաւանութեան՝
հայրապետ
մը
իր
բովանդակ
եկեղեցւոյն
չի
կըրնար
օրէնք
դնել
կամ
նորոգել
զօրէնս,
այսպիսի
օրէնք
յայտ
է
որ
յեկեղեցւոյ՝
Կանոնք
կ՚ըսուին,
եւ
կանոնք
Ժողովօք
սահմանին
եւ
հաստատին։
Մեր
պատմութեան
շրջանակին
մէջ
յիշեցինք
ժողովք
մը
2500
ժողովականաց
բաց
յեպիսկոպոսաց,
՚ի
սկիզբն
հայրապետութեան
եղբօր
Շնորհալւոյն
(56).
իսկ
սա
որ
այլ
աւելի
հոգացող
էր
եկեղեցւոյն
լաւութեանը՝
՚ի
հարկէ
փափագէր
ալ
միայն
անձամբ
չկըրցածը՝
ժողովովով
հաստատել։
Ժողովք
ընելու
շատ
դժուարութիւնն
յայտնի
է,
պատճառաւ
անհանգիստ
ժամանակի
եւ
հեռաւորութեան
տեղեաց՝
բայց
գոնէ
իր
կաթողիկոս
ձեռնադրութեան
ատեն
եպիսկոպոսաց
գումարիլն՝
յարմար
առիթ
մ՚էր
այս
բանիս,
եւ
թուի
թէ
Շնորհալի
առիթը
չէ
փախուցած.
եւ
թէ
այս
ոչ՝
հարկ
է
ըսել
որ
ուրիշ
առիթով
ժողով
գումարած
է
եւ
կարեւոր
կանոններ
սահմանած,
առաջին
հայրապետաց
նման,
թէ
եւ
դժբաղդաբար
ստուգիւ
աւանդուած
չէ
մեզի,
այլ
միայն
աներկբայ
ըլլալու
չափ
նշան
կայ։
Մխիթար
Գոշ՝
որ
գրեթէ
ժամանակակից
էր
(+
1214)
կը
յիշէ
իրեն
ատեն
այս
երկու
հարազատ
հայրապետաց
կանոններ
դնելը
[2].
Կանոնագրաց
մէջ
ալ
կը
յիշուին
՚ի
ցանկի՝
Կանոնք
«Ներսէսի
Կլայեցւոյ
Հայոց
կաթողիկոսի,
եղբօր
Տեառն
Գրիգորիսի,
գլուխք
145».
որով
ոչ
միայն
կանոնադրութիւնն
հաւաստի,
այլ
եւ
կանոնաց
առատութիւնն,
որ
թըւով
առաւելու
քան
զամեն
հարց
եւ
ժողովոց
մերոց.
եւ
ինչպէս
Շնորհալին
յամենայնի
լիացոյց
եւ
կատարեց
մեր
եկեղեցւոյ
կարգերը
եւ
գրքերը,
այսպէս
ալ
ըրած
կ՚երեւի
յայսմ
մասին.
ցաւալին
այս
է,
որ
կամ
Կանոնաց
բազմութեանը
համար
կամ
որ
եւ
է
պատճառաւ՝
մեր
ձեռքը
հասած
կանոնագրաց
մէջ
միայն
վերնագիրն
կայ
եւ
ոչ
բուն
կանոնք,
որ
յուսամք
թէ
ժամանակաւ
յայտնուի
բաղդաւորաց
ձեռօք.
եւ
որպէս
կարծեմք՝
թէ՛
իրմէ
առջիններուն
եւ
թէ՛
իրմէ
դրածներով
հաւաքում
մ՚ըլլայ
կարեւոր
կանոնաց։
Եկեղեցականաց՝
որով
եւ
եկեղեցւոյ՝
բարեկարգութեան
համար,
յետ
Եպիսկոպոսաց՝
կարեւորագոյն
դասն
էր
կրօնաւորաց,
եւ
վայելուչ
էր
որ
Շնորհալին
այս
բանիս
ալ
մեծապէս
ուշ
դնէ.
որովհետեւ
միայն
այս
դասն
էր՝
որ
շատ
տեղ
եպիսկոպոսաց
իշխանութենէն
ալ
ազատութիւններ
ունին,
շատ
վանորայք
իշխանաց
դաստակերտ
ըլլալով՝
անոնցմէ
կախումն
ունէին,
եւ
մեր
եկեղեցւոյ
սկզբնաւորութենէն
՚ի
վեր
ալ
յաւուրց
Ս.
Գրիգորի
եւ
Տրդատայ՝
այս
կարգաւորաց
դասն
մեծահարկի
եղած
է,
ինչպէս
որ
Ս.
Սահակայ
կանոնական
գրուածքն
ալ
կը
ցուցընէ,
առաջ
քան
Շնորհալւոյն.
թէ
եւ
առաջին
դարուց
կրօնաւորքըն
աւելի
ճգնաւորք
էին
եւ
բարերարութեան
գործոց
միայն
պարապէին,
որպէս
Գթութեան
եղբարք,
հիւրոց,
պանդխտից
եւ
հիւանդաց
ծառայելով՝
անոր
համար
ալ
իրենց
բնակութեան
տեղիքն`
մեր
մէջ
Վանք
կ՚ըսուին
յատկապէս,
որ
օթեւանի
իմաստ
ունի,
եւ
այնպիսի
տեղուանք
կը
շինուէին
վաներն՝
ուր
ճանապարհորդք
եւ
պանդուխտք
կը
հանդիպին,
այսինքն
քաղաքներէ
հեռու
մեծ
ճամբաներու
վրայ,
անշէն
տեղուանք.
Մեծին
Ներսիսի
համար
կըսուի
թէ
2000-Էն
աւելի
այսպիսի
վանքեր
հաստատեց
՚ի
բոլոր
Հայս։
Յաջորդ
դարերուն
ձեւացան
աբեղայ
եւ
վարդապետ
կարգաւորաց
միաբանութիւնք,
որոց
նման
են
կամ
պիտի
ըլլան
հիմկու
սակաւաթիւ
վանական
միաբանութիւնք
ազգիս,
զատ
՚ի
ճգնաւոր
միաբանից,
որպիսիք
են
Վանայ
կղզեացն
եւ
Սեւանայն։
Արեւելեան
ուրիշ
եկեղեցեաց
մէջ
ալ
սովորութիւն
է
շատ
կրօնաւորաց
անմիջական
կա.
խումն
՚ի
պատրիարքէն.
մերոնք
ալ
քիչ
շատ
այսպէս
ըլլալով՝
յատուկ
կերպով
մը
կը
պահանջէին
Շնորհալւոյ
խնամքը,
զոր
եւ
ցուցած
է,
ըստ
հաւանութեան
ետին
գրչաց
ոմանց,
նորոգելով
Ս.
Բարսղի
կարգաւորութիւնը
եւ
կանոնները,
որով
ամենայն
արեւելեայք
վարին։
Հոգեսէր
եւ
ընկերասէր
հայրապետն
մեր
ջանացած
է
ոչ
միայն
ուղղել
այլ
եւ
դիւրել
ամենուն
պարտքը,
ինչպես
իր
Ընդհանրական
թղթոյ
խրատներէն
ալ
տեսանք.
եւ
այս
դասուց
համար
ալ՝
որ
ամենէն
խստակրօնն
պէտք
է
ըլլայ,
յիշած
է
ժամասացութեան
մէջ
ըսուածը,
«Թեթեւացո՛,
Տէր,
զքաղցր
լուծ
քո՝
զոր
եդեր
՚ի
վերայ
մեր».
որպէս
զի
պատշաճ
դիւրութեամբ՝
աւելի
օյժար
կարգապահ
ըլլան
քան
դժարութեամբք՝
շատերն
կանոնազանց։
Մասնաւոր
գութ
եւ
խնամքն
ալ
ծեր
վանականաց
վրայ
նշանակեց
յԸնդհանրականին.
եւ
Պատմիչն
ալ
կը
վկայէ,
թէ
«Պարգեւէր
՚ի
վանորայս
ծերունեաց
եւ
վտանգելոց
եղբարցն՝
դահեկանս
եւ
զգեստս՝
՚ի
պէտս
կարեաց
նոցա,
որպէս
զի
տկարացեալ
բնութիւնն
կարողանայ
կրօնին
մէկալ
պարտքերը
կատարել
անզբաղ,
եւ
հասակն
ու
հիւանդութիւնք
պատուհաս
համարուին
այն
սուրբ
վիճակին։
Այս
երկու
մեծ
դասերէն
զատ,
որք
եկեղեցւոյ՝
որով
եւ
աշխարհի
կամ
մարդկութեան՝
բարոյական
ուղղութեան
մեծ
պատճառք
են,
կայ
դաս
մ՚ալ
մարդկան,
որ
յիշուած
չէ
Շնորհալւոյ
Ընդհանրականին
մէջ.
տեսքով
փոքրիկ,
այլ
իրոք
ամենէն
մեծ
կըրնայ
ըսուիլ,
վասն
զի
ամենուն
ալ
սկիզբն
է.
եւ
է
Մանկանց
կամ
Տղայոց
դասն.
որոց
վրայ
խնամք
տանել՝
պարտք
է
ծնողաց
եւ
քահանայից.
անոր
համար
անպատշաճ
էր
անոնց
ալ
զատ
բան
գրել
Ընդհանրականին,
սակայն
անմոռանալի
դաս
մ՚է
սա
մարդկութեան,
որոյ
ամենայն
մեծութիւն
ասոր
փոքրկութենէն
կը
ծագի,
եւ
անկարելի
ալ
էր
որ
Ներսիսի
պէս
անձ
մը
ասոնց
ալ
չհաղորդէ
իր
շնորհքները։
Բաց
՚ի
պատուիրանաց
առ
ծնողս՝
մանկանց
համար
հարկաւորագոյն
բանը
հնարեց,
այսինքն
է
բարի
եւ
ողջամիտ
սկզբունքներ
տպաւորել
անոնց
թարմ
մտաց
եւ
սրտին.
եւ
զայս
ալ
իր
սովորական
քերդողական
արուեստովը
ձեւացուց,
ոտանաւոր
բանիւք:
զոր
եւ
տղայոց
հասկացողութեան
եւ
սովրելու
դիւրութեան
համեմատ՝
պարզ
կամ
ռամիկ
ոճով
գրած
է,
եւ
այբուբենից
կարգաւ
տնատեալ։
կայ
որ
ութտողեան
տամբք
եւ
ոտիւք.
«Այբն՝
Աստուծոյ
զքեզ
մերձակայ,
Խրատէ
լինել,
թէ
հաւատայ».
կայ
որ
չորստողեան,
«Այբն՝
առաջին
ըզքեզ,
Տըղայ,
Հանէ
յիմաստըն
գերակայ».
ասոր
նման՝
«
Այբն՝
անըսկիզբն
ասէ
զԱստուած,
Անեղ
բնութիւն,
ոչ
արարած»:
Այս
ետքինս՝
հաւատոց
վարդապետութիւն
մ՚Է.
երկրորդն՝
ուսումնասիրութեան
յորդոր
մը,
առաջինն՝
բարոյական
խրատք.
որ
էն
ըսել
հոգւոյ,
մտաց
եւ
սըրտի
դաստիարակութիւն։
Հաւանօրէն
եւ
յառաջ
քան
զկաթողիկոսութիւնն
գրեր
էր
այսպիսեաց
մաս
մը.
ինչպես
նաեւ
Սողոմոնի
գրոց
Յիշատակները,
որք
մասնաւորապէս
բարոյական
կրթութիւն
կը
դիտեն։
Այս
փոքրկանց
մեծագույն
դասն
(Մանկանց)
կ՚առաջնորդէ
մեզի
Շնորհալւոյ
մարդասիրական
բազմապատիկ
եւ
ջերմագոյն
խնամքը
եւ
սէրը
քըննելու,
մանաւանդ
թէ
հիանալու.
վասն
զի
այնպիսի
սրտէ
մը
ընկերասիրութիւնն
իբրեւ
յառատ
աղբերէ
բղխելուն՝
չեմ
կարծեր
որ
տարակոյս
մ՚ըլլայ.
եւ
ոչ
իսկ
հարկ
էր
յիշել,
եթէ
Շնորհալւոյ
մեծութեան
մասնաւոր
նշան
մ՚ալ
չնշմարէինք,
կամ
թէ
այսպիսի
անապակ
եւ
սրբագոյն
սիրոյ
վրա
խօսելն
եւ
լսելն
միշտ
քաղցր
եւ
օրինաւոր
չըլլար։
Բնութիւնն
կ՚իմացընէ
որ
ամեն
դասէ
եւ
վիճակէ
աւելի
կարօտ
են
ողորմութեան
եւ
սիրոյ՝
աղքատք
եւ
տնանկք.
եւ
ասոնց
մէջ
ալ
անոնք
մանաւանդ՝
զորս
աշխարհօրէն
Բաղդ
ըսուածն՝
լաւագոյն
դրից
մէջ
դրած
էր
կամ
պէտք
էր
դնել
եւ
որ
եւ
է
պատճառաւ՝
կարօտութեան
մէջ
ընկած
են,
առանց
արտաքին
կերպերնին
շատ
փոփոխելու,
որով
մուրողութիւն
ալ
չեն
կըրնար
ընել
եւ
սրտանց
ավելի
կայրին
եւ
տառապին
քան
մարմնով.
անոնց
ցաւը
գիտցողք
անգամ՝
շատ
հեղ
չեն
կըրնար
դեղ
ընել,
այնքան
փափուկ
է
սիրտն
եւ
ամօթխած՝
որ
ողորմութիւն
տալով
եւ
առնըլով
անգամ՝
կըրնայ
արիւնոտիլ.
կարօտէն
աւելի
կարօտութիւնը
լեցընողին
պէտք
է
ճարտարուորի
հօս։
Շնորհալւոյ
սիրտն
որ
ամենէն
փափուկ
մարդասէր
սրտից
նիւթով
զանգուած
էր,
եւ
գերագոյն
շնորհօք
թաթաւեալ,
եւ
ըստ
վկայութեան
պատմըչին
«զՈղորմութիւնն՝
ունէր
նախկի
բնաւորաբար
սովորութեամբ»,
ասանկ
փափուկ
դիպաց
հնարքն
ալ
կը
գտնէր.
յայտնի
աղքատաց
յայտնապէս
կու
տար
առատապէս,
որչափ
որ
իր
աղքատութիւնն
ալ
ներէր
իրեն,
իսկ
ամըչկոտ
աղքատաց
եւ
կարօտելոց
համար՝
ծածուկ
լրտեսներ
ունէր
քանի
մը
խորհրդապաշտ
եւ
հաւատարիմ
անձինք,
որք
միայն
յետ
իր
մահուն
այս
բանս
յայտնած
են.
եւ
«տայր
ցնոսա
ծրար
ոսկւոյ
առատապէս»,
եւ
կը
սովրեցընէր
թէ
ի՛նչ
կերպով
գիշերանց
առանց
մէկուն
տեսնելու՝
այն
կարօտելոց
տանց
պատուհաններէն
կամ
երդիքէն
ներս
ձգեն
ծրարները
եւ
հեռանան.
«եւ
այսու
նմանէր,
կ՚ըսէ,
սքանչելագործ
հայրապետին
Նիկողայոսի»։
Ընթերցողք
ասկէ
ոչ
միայն
մեր
հայրապետին
Ներսէսի
նուրբ
առաքինութիւնը
եւ
սէրը
պիտի
տեսնեն,
այլ
եւ
գուշակեն
թէ
ո՛րչափ
ուրիշ
բարձր
եւ
ազնիւ
առաքինական
գործեր
ըրած
է
այն
անձն,
որք
իր
շնորհաց
մէջ
ծածկուած՝
միայն
իրեն,
եւ
իրմէ
աւելի
Աստուծոյ
հայտնիք
են։
Ասլրուստի
կողմանէ
ասոնք
են
յետին
դաս
մարդկան,
եւ
մեծ
գթութեան
կարօտ.
իսկ
ըստ
քաղաքական
վիճակաց՝
սովորաբար
յետին
կ՚ըլլան
՚ի
բարոյականի՝
ծառայական
եւ
զինուորական
դասակարգք.
ուրեմն
ասոնք
ալ
առաջին
կարգի
խնամոց
կարօտ
են։
Շնորհալւոյ
վիՃակն
եւ
բնակած
տեղն՝
Հռոմկլայ
բերդն՝
կը
պահանջէին
եւ
ծառաներ
եւ
զինուորներ,
եւ
պէտք
չէ
տարակուսիլ
որ
ժամանակաւ
կանխեալ
քան
զՍ.
Պոռոմէոս,
Սալեզացին
եւ
Ֆենելոն,
անոնց
պէս
իր
տունը
լաւ
կարգաւորած
ըլլայ,
եւ
ծառաներն
ալ
կրթած՝
իր
սքանչելի
վարքով
եւ
բանիւք։
Անոնցմէ
աւելի
ունէր
իր
բերդապահ
զինուորները,
որոց
կերպով
մը
ինքն
էր
ազատ
տէր
եւ
իշխան.
վասն
զի
Հռոմկլայ
ուրիշ
իշխողի
կամ
թագաւորի
մը
իշխանութեան
տակ
չերեւիր։
Գալով
զինուորաց,
որչափ
ալ
ասոնք
կանոնաւոր
են
իրենց
զօրապետին
եւ
գլխաւորին
հրամանաց
տակ,
այն
բաներուն
մէջ
ալ
որ
իրենց
ազատութեան
թողուած
է՝
շատ
հեղ
շատ
ազատ
եւ
համարձակ
կ՚ըլլան.
անոր
համար
Շնորհալի
Ընդհանրականին
մէջ
մասնաւոր
խրատ
մ՚ալ
ասոնց
գրած
Է։
Իր
քարանձաւ
բերդին
պահապանքն
ալ
անոնց
եղբարքն
էին,
եւ
որչափ
ալ
քիչուոր
եւ
իրենց
պաշտպանելու
տեղն
սահմանաւոր,
այնքան
ալ
խրոխտ
եւ
ժիր
կըրնային
ըլլալ.
եւ
երբ
իրենց
տէրն՝
հայրապետն՝
այնպիսի
ազնուախոհ
բաներ
կը
շարադրեր
արձակ
եւ
ոտանաւոր,
կտրիճ
եւ
գունեղ
Հայ
երիտասարդք
ալ
անոր
կարճ
սահմանաց
վրայ
հսկէին,
նետալից
կապարճն
միշտ
ուսերուն
վրայ,
հաստաձիգ
աղեղն
՚ի
ձեռին,
նիզակներն
ասդիս
անդին
ցըցուած
պատուարաց
վրայ,
աշտարակաց
նեղ
պատուհաններէն
լայն
լայն
նայելով
իրենց
պէս
անհանդարտ
Եփրատայ
սեւ
ու
սպիտակ
հոսանաց
վրայ,
եւ
անոր
երկու
եզերքներէն
դուրս
մէկ
մը
յարեւելս՝
իրենց
բնիկ
հայրենեաց
եւ
յիշատակաց
երկիրներուն
վրայ,
մէկ
մը
յարեւմուտս՝
իրենց
պանդըխտութեան
եւ
թշնամեաց
երկիրներուն
վրայ,
տեսակ
տեսակ
մտածութեամբք
եւ
զրուցօք.
եւ
երբ
ամառնային
տօթագին
գիշերները՝
հայրապետն
ջերմով
բռնուած
կը
տագնապէր
իր
պարկեշտ
խշտեկին
վրայ,
այն
եռանդուն
եւ
հսկայաձեւ
հասակներն
ալ՝
զգայուն
սրտի
ջերմերով
բռնուած՝
անշուշտ
երբեմն
ալիքներէն
եւ
դաշտերէն
անդին՝
միայն
իրենց
յաղթող
սրտակցաց
եւ
սիրակցաց
խօսքեր
կը
թռցընէին.
կամ
ուրիշ
զինուորական
համարձակութեամբ
ձայներով
եւ
երգերով
կը
վիրաւորէին
այն
օդը՝
որ
զՇնորհալին
ալ
կը
շրջապատէր։
Ծանր
էին
ասոր
մաքուր
ակընջաց
եւ
հոգւոյն՝
այսպիսի
խառնախօսիկ
ձայնք
եւ
եղանակք.
մանաւանդ
գիշեր
ատեն
յառանձնութեան
հնչուած
ամեն
մարդկային
ձայն՝
իր
ստեղծող
եւ
միայն
վկայ
Աստուծոյ
նուիրելի
համարէր.
քունէն
արթընցող
կամ
արթընցընող
եղանակն՝
պէտք
էր
որ
ամենէն
առաջ
յիշէ
ըզկենսատուն
եւ
զնորոգողն
կենաց։
Այսպիսի
մտածութեամբ,
կ՚ըսեն,
շարադրեց
Շնորհալին
այն
սքանչելի
սաղմոսախառն
գիշերային
եւ
առաւօտու
երգերը՝
Յիշեսցուք
՚ի
գիշերի,
եւ
Զարթիք,
փառք
իմ.
զոր
Հռոմկլայի
պահապանաց
բերնէն
յափշտակելով
Հայաստանեայցս
եկեղեցին՝
մինչեւ
հիմայ
իրեն
առաջին
երգ
ըրած
է
գիշերային
ժամասացութեան,
եւ
անով
կը
սկսի
օրը
նուիրել
Աստուծոյ.
այսպէս
զարմանալի
փոխանակութեամբ
անլռելի
մնաց
Հռոմկլայի
պահապանաց
երգն,
մինչ
դեռ
120
տարի
յետ
մահուան
Հեղինակին՝
(1292)
Եգիպտացի
ասպատակք
այն
հայացեալ
սրբազան
բերդն
ալ
նուաճելով
պապանձեցուցին։
Այսքան
ընդարձակ
շրջագայեցութեամբ
եւ
հոգով
Շնորհալին
ամենէն
բարձրագոյն
վիճակներէն
մինչեւ
՚ի
ցածագոյնս
կը
նայէր։
Տղայոց,
զինուորաց
եւ
ծառայից
հետ՝
ո՛ր
եւ
է
հասարակ
եւ
ռամիկ
մարդկան
վրայ
ալ
ցաւակցելով,
որք
սովորաբար
աւելի
նուազեալ
՚ի
կրթութենէ՝
վարքով
ալ
խօսքով
ալ
ափեղցփեղ
կ՚ըլլան.
փափագէր՝
որ
ինչպէս
ամենուն
համար
աղօթքներ
շարադրեց՝
կարելի
ըլլար
որ
խօսակցութեան
նիւթ
կամ
կերպեր
տալ
հնարէր.
եւ
իրեն
հովուեալ
քրիստոնեայք՝
անուամբ
ալ
իրօք
ալ
այնպէս
ըլլան,
Քրիստոսի
հոգւոյն
համեմատ
վարուելով
յամենայնի.
«Այնպիսի
էին
կամք
Սրբոյն,
կ՚ըսէ
Պատմիչ
մը
[3],
զի
թէ
հնար
իցէ՝
ոչ
ոք
խօսեսցի
խօսս
աշխարհականս՝
բաց
՚ի
գրոց,
ոչ
՚ի
գինարբուս,
ոչ
յայլ
ուրախութիւնս».
եւ
այս
բանիս
համար
ալ
հնարեց
մեր
երբեմն
յիշեալ
Րախճան
կամ
Հանելուկները.
որ
փոխանակ
առասպել
խօսից
եւ
պատմութեանց՝
զբօսական
ընկերութեանց
ժամանակը
բռնեն,
եւ
օրինակ
ըլլան
յետագայից
ալ
այնպիսի
գիւտերով
խափանել
չափազանց
զուարճասէր
լեզուի
եւ
ականջաց
հրապոյրքը։
«Զի
յամենայնի
հանճարեղ
էր
Ներսէս,
կ՚աւելցընէ
վերոյիշեալ
Պատմիչն.
արար
եւ
Առակս
խորհրդաբարս
՚ի
գրոց,
եւ
Հանելուկս.
զի
փոխանակ
առասպելեաց
զայն
ասասցեն
՚ի
գինարբուս
եւ
՚ի
հարսանիս»։
Շրջահայեցութեան
հետ
սրատեսութիւն
ալ
ունէր
Ներսէս՝
ամեն
կողմ
եւ
ամեն
պէտք
նկատելու,
եւ
իւրաքանչիւր
անձին
յարմար
եւ
պատշաճը
տալու
կամ
հասցընելու,
միանգամայն
եւ
անխոնջ
եւ
անդադար
աշխատանք,
ինչպէս
կը
յիշէ
եւ
Լամբրոնացին.
«Ի
զբաղանաց
երբէք
չպարտէր,
Այլ
ուշ
միոյն
եւեթ
ունէր,
Խոկայր
յիմաստս
եւ
ոչ
յագէր».
բոլոր
ջանից
վախճանն
ալ
ուղղելով
՚ի
ճշմարիտ
վախճանն,
յերջանկութիւն
մարդկան,
՚ի
հաճոյս
Աստուծոյ.
«Քանզի
ըստ
աստուածուսոյց
գիտութեանն
որ
՚ի
նմա՝
գիտէր,
թէ
ոչինչ
է
սիրելի
Աստուծոյ՝
որպէս
զոգւոց
մարդկան
փրկութիւն.
յաղագս
որոյ
եւ
Տէրն
մեր
եւ
Աստուած՝
զանձն
՚ի
մահ
ետ.
(գեղեցիկ
խորհրդածէ
Պատմիչ
վարուցն
եւ
կ՚իմացընէ).
վասն
այնորիկ
միշտ
զմերձաւորս
խրատէր
աստուածիմաստ
բանիւք,
եւ
զհեռաւորսն՝
աստուածաշնորհ՝
ձեռացն
գծագրութեամբ
օգտեցուցանէր
հոգեւոր
խրատու.
քանզի
ուր
զշնորհալից
նամակս
նորա
ընթեռնուին՝
որպէս
յաստուածահրաշ
դիմաց
նորա
պատկառէին։
Եւ
յամենայն
ժամ
առանց
ձանձրանալոյ
յօժարութեամբ
եւ
աստուածային
սիրով
տայր
հարցանողացն
զպատասխանիսն
բանիւ
եւ
գրով
[4].
զդժուարահասու
եւ
զտարակուսակայն
իրսն
հեշտալիս
եւ
քաղցրագոյնս
մեկնէր,
եւ
մուծանէր
յիմանալի
ոդիս
եւ
՚ի
միտս
խնդրողացն,
ըստ
՚ի
վերուստ
առատապարգեւ
տուեցելոյ
նմա
շնորհին։
Եւ
ուրախ
առնէր
զամենեսեան
առ
հասարակ
ըստ
իւրաքանչիւր
պիտոյից՝
՚ի
հոգէծնեալ
եւ
՚ի
մշտաբուղխ
շնորհաց
աղբերէն։
Զմեղուցեալսն
խրատէր
միշտ
եւ
յանդիմանէր,
եւ
քաղցրագոյն
եւ
ողոք
բանիւ
որսայր
՚ի
կեանս.
եւ
զսուրբս
եւ
զառաքինիսն
յորդորէր
առաւելուլ
՚ի
գործս
բարիս»։
Մեծ
եւ
տաք
սրտի
գործ
էր
այսպէս
հեռաւոր
եւ
մերձաւոր
կարօտեալները
եւ
տարակուսեալները`
մխիթարել,
խրատել
եւ
կանգնել.
այլ
մեծագոյն
եւ
ջերմագոյն
եւս
սրտի
գործ
էր՝
բաւականները
լիացընել
լեցուններն
առատացընել,
կարողները
զօրացընել,
միով
բանիւ
ըստ
աւետարանական
առակին՝
ունեցողին
շնորհքը
կրկնապատկել
եւ
աճեցընել
եւ
այսպէս
կ՚ընէր
Շնորհալին՝
իր
աննախանձ
եւ
բարեսէր
դիտողութեամբը.
«Թէ
իմանայր
ուրեք
թէ
իցէ
ոք
յերիցանց
կամ
՚ի
սարկաւագաց՝
որ
ունիցի
շնորհս
եւ
սէր
՚ի
հոգեւոր
գործառնութիւնսն,
վաղվաղակի
առաքէր
եւ
՚ի
ձեռն
գրոյ
առ
ինքն
կոչէր,
եւ
եւս
առաւել
յորդորէր
՚ի
նոյն.
եւ
ուսուցանէր
եւ
խրատէր
յարաժամ։
Եւ
յոյժ
սիրելի
էր
նմա
այր՝
որ
ունէր
նախանձ
եւ
ողջախոհութիւն
՚ի
բարիս
եւ
շնորհս
աստուածայինս.
զորս
թէպէտ
եւ
հոգեւորօքն
ճոխացուցանէր՝
այլ
եւ
մարմնականօք
ոչ
թողոյր
անփարթամ։
Եւ
որպէս
լըծակցեալ
Աստուծոյ՝
զպատուեալսն
շնորհօք
՚ի
նմանէ՝
եւ
ինքն
պատուէր,
սիրէր
եւ
յարգէր
աննախանձ
մտօք,
որպէս
հայր
բարի
գթած
եւ
որդեսէր»։
Պատմըչին
գեղեցիկ
յանդըգնութեամբ
ըսածը՝
Ներսէս
ալ
արժանաւոր
արթնութեամբ
եւ
ջանքով
կատարեց.
աստուածային
լծակցութիւն.
այսինքն
է
արարչական
եւ
նախախնամող
տեսչութիւն
եւ
ձեռնտուութիւն
մը
ամենայն
դասի
եւ
վիճակի
մարդկան,
բարւոյ
եւ
չարի,
մեծի
եւ
փոքու,
ըստ
իւրաքանչիւր
նուազութեանց
կամ
առաւելութեանց։
Այս
Շնորհալւոյ
հետ
զուգեալ
հրաշափառ
Լըծակցին
ահեղութիւնը
վարագուրելու
համար՝
ուրիշ
հրաշալի
անուամբ
մը
ըսենք,
Յիսուսի
լծակցութիւն.
զմարդացեալ
Բանն
նկատելով,
որ
իբրեւ
Աստուած՝
զօրութիւն
տուաւ,
եւ
իբրեւ
մարդ՝
կարեկից
եղաւ
մարդու.
ըստ
այսմ
եւ
իրեն
նմանութեան
ջանացող
հովիւք
եւ
հայրապետք,
ուր
որ
աստուածային
զօրութիւն
չէին
կըրնար
բանեցընել
քրիստոսեան
եւ
մարդկային
ցաւակցութեամբ
կ՚օգնէին
ընկերաց.
ընդ
որս
եւ
մերս
Ներսէս.
որոյ
գթութեան
եւ
կարեկցութեան՝
շատ
եւ
մեծ
գործոց
նշաններ
կու
տան
մնացեալ
իր
մի
քանի
գրուածքն
ալ,
զորս
արժան
է
հօս
յիշատակել։
[1]
Յայսմաւուրք
ասեն,
յ՚ԼԶ
եպիսկոպոսաց,
զոր
Չամչեանն
աննախդիր
թիւ
կարդալով
ՅԼԶ՝
գրէ
336
եպիսկոպոսունս
(Գ .
121):
[2]
Գլ.
ՃԽԵ
Դատաստանագրոց.
յիշած
կանոնն
է
անկատար
հասակաւ
քահանայ
չձեռնադրելու
վրայօք։
[4]
Լամբրոնացին
ալ
կ՚ըսէ.
«Հարցմանց
յոգունց
պատասխանէր
Զտարակուսանսըն
լուծանէր»։
Արդէն
տեսանք
զանազան
բանասիրական
հարցմանց
տուած
պատասխանները
եւ
մեկնութիւնները։