Շնորհալի եւ պարագայ իւր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԻԲ.
Տեսչութիւն Շնորհալւոյ ՚ի վերայ Եկեղեցւոյն Հայոց. Ընդհանրական թուղթն. Բաղդատութիւն ընդ Կանոնական թղթոյ Յովհաննու  Օձնեցւոյ։

 

Շնորհալի իր բազմարդիւն կենաց ինն մասն արդէն լըցեր էր. տասներորդն միայն մնար իր կաթողիկոսութեան, յետինն եւ ծայրազարդ ծերութիւնն, սակայն եթէ եւ մարմնով տկար՝ հոգւով կրկին զօրացեալ՝ ամենեւին առջինէն անպակաս, մանաւանդ թէ եւ աւելի իմն ուժով եւ շնորհօք. լիուլի բարեօք եւ արդեամբք կատարեց մնացեալ  քիչ տարիներն ալ, որք կերպով մը առաջիններէն աւելի արդիւնք ցուցին եւ թողուցին մեզի։ Կըրկին եւ կրկին զարմանաց արժանի է, թէ ի՛նչպէս այն հասակով եւ կազմուածովք մարմնոյ, այնքան  սակաւաթիւ ամօք եւ «յայնքան տաժանելի եւ յաղցաւոր կեանս, ՚ի մէջ օձից եւ կարճաց, եւ զանազան խածանող գազանաց՝ երեւելեաց եւ աներեւութից. եւ ոչ այս միայն, այլ եւ ծանրութեան բեռանց ՚ի ներքոյ՝ հոգեւորաց եւ մարմնաւորաց», ինչպէս ինքնին կըսէ, կրցա՜ւ այնքան բարեօք լնուլ զեկեղեցիս Հայոց։ Մեր զարմանաց լուծումն ալ ինքնին կու տայ. իմացընելով, որ «ծանրութիւն հոգոց ամենայն եկեղեցեաց ... եւ երկիւղ դատաստանին Աստուծոյ՝ որ վասն հովուաց եւ առաջնորդաց՝ ՚ի հին եւ ՚ի նոր կտակարանս ասացեալ», միչտ միտքն էր. «Մինչ զի ոչ տալ քուն աչաց կամ նինջ արտեւանանց՝ յերկիւղէ այսոցիկ՝ չարչարեալ ոգւոյ իմոյ»։ Ուրեմն այնպիսի անքուն եւ չարչարակիր ոգի մը պէտք է եղեր՝ հայրապետութեան համառօտ շրջանն ալ  երկարագունից հաւասար եւ ավելի պիտանի ընելու. եւ Յովսեփայ նահապետի նախագուշակեալ առատութեան եօթն տարիներուն պէս՝ իր եօթնամեայ ժամանակովն իրմէ մինչեւ ՚ի մեզ ձգեալ եօթն դարուց քիչ շատ սովեալ միջոցը՝ լնուլ բազմապատիկ բերովք բարեաց, զոր ցարդ վայելեմք եւ մեք, եւ պիտի վայելեն մեր ապագայք ալ։

Ներսէս կաթողիկոսական աթոռը բազմելուն՝ մէկէն աչքն եկեղեցւոյն բոլորը դարձուց, քննելու եղածը եւ պակասը, ըստ այնմ հոգալու եւ լեցընելու

« ԽոՀեմագոյն մըտօք նայի 

Թէ ի՞նչ սահման կարգած թերի.

Արագապէս ուղղիչ լինի

Ածել կիրթ զարհեստ բանի».

կ՚ըսէ Լամբրոնացին։ Գլխաւորք ՚ի բերոցս բարեաց եւ ՚ի վաստակոց Շնորհալւոյն են իր տեսչութիւնն եւ զգուշութիւնն ընդհանուր Հայ եկեղեցւոյն վրայ, մասնավոր խնամքն մերձաւորաց վրայ: Եկեղեցւոյ ներքին հոգեւոր եւ բանաւոր պէսպէս բարեկարգութիւնը եւ բարեզարդութիւնք. արտաքին բարեզարդութիւնք ալ որչափ եւ ինչուան ուր որ ձեռքն հասներ. գրաւոր վաստակք ըստ ներելոյ մնացեալ ժամանակին եւ կարեւոր հարկի. եւ մեծ գործ եւ հոգ մ՚ալ Յունաց եկեղեցւոյ հետ միաբանութեան, անոնց առաջարկութեամբ, զոր յառաջ քան իրօք կատարելն՝ արդեամբք կատարեց՝ մահուան վրայ հասնելով։ Ահա այս զանազան իրաց վրայ կը մնայ մեզ խօսիլ մեր պատմութեան մնացեալ պարագային մէջ, եւ ապա իր զարմանալի կենաց եւ շնորհաց բնաղբիւրը փնտռելով՝ աւարտել մեր տեսութիւնը։

Յայտնի է ամենայն քրիստոնէից՝ որ իրենց հոգեւոր խնամողաց գլխաւորքն կ՚անուանեն Տեսուչք կամ Դէտք կամ Այցելուք, վասն զի զայս նշանակէ յունական բառն Եպիսկոպոս, որով ամեն ազգ եւ լեզուք սովորաբար կոչեն զանոնք. եւ զի ամենայն եպիսկոպոս չափաւոր եւ առանձին ժողովուրդ մ՚ունի խնամելու, որ Վիճակ կամ Թեմ կ՚ըսուի, բովանդակ ազգի մը եւ ժողովրդեան եպիսկոպոսք ալ իրենց ընդհանրական գլուխ մ՚ունին, որ է եպիսկոպոս եպիսկոպոսաց, կամ Եպիսկոպոսապետ։ Յայտ է եւս, զի մեր ազգին եւ եկեղեցւոյն գլուխն կամ եպիսկոպոսապետն unվորաբար կոչի կաթողիկոս. եւ քան զայլ շատ ազգաց եկեղեցւոյ գլուխս մեծագոյն հեղինակութիւն մ՚ունի իր եկեղեցւոյն մէջ, այս պատճառաւ՝ որ Հայոց եկեղեցին արքեպիսկոպոս կամ մետրապօլիտ չէ ընդունած, կամ թէ անուամբ եւ պատուով ընդունած ալ է՝ այլ ոչ իշխանութեամբ՝ ձեռնադրութեան եպիսկոպոսաց եւ օրհնութեան իւղոյ օծման. այս բաներս կաթողիկոսին սեփականեալ ըլլալով՝ աւելի որոշակի կ՚երեւի միագլխութիւնն եւ հովուապետութիւնն. եւ անկէց ալ պարտքն՝ ընդհանուր տեսչութեան, հոգոց եւ խնամոց ՚ի վերայ բոլոր եկեղեցւոյ ազգին եւ այս է մեր դիտածն ալ՝ այս բաներս յիշելնուս մէջ։ Հայոց կաթողիկոսն եւ իր նմանիք՝ աթոռոյն բարձրութենէն կամ պատուէն շատ ավելի պէտք է զգան պարտուց ծանրութիւնը, եւ պահանջումն համարոյ յամենահովուէն եւ ՚ի բնիկ գլխոյն եկեղեցւոյ՝ ՚ի Քրիստոսէ. եւ իմանան որ ոչ լոկ խոնարհութեան համար կը հրաժարէր Շնորհալի Ներսէս մը յայնպիսի աստիճանէ, ինչպես շատ հեղ կ՚ըսէ թէ՛ ատենաբանութեանն, թէ՛ Ընդհանրականին եւ թէ՛ առանձին թղթոցը մէջ. ալլ եւ ՚ի բնութենէ հարկի պաշտմանն. վասն որոյ եւ զարհուրէր եւ սարսէր, եւ գիշեր ու ցորեկ հոգայր չարչարեալ ոգւով: Եւ երբ վերջապէս անցաւ յաթոռն գերագոյն՝ արժանապէս հարկ համարէր, որ ոչ լոկ իբրեւ Յունաց կամ այլ ոմանց եկեղեցեաց գլուխ՝ իմացընէ իր ընտրութիւնն առ արքեպիսկոպոսունս, այլ առ ամեն եպիսկոպոսունս եկեղեցւոյն, որով եւ առ ամենայն դասս մարդկան եկեղեցւոյն. եւ այսպէս ըրաւ Շնորհալին. ոչ դիպաց լուր մը տալու, այլ աստուածային ձայնը եւ պատշաճը լսեցընելու ամեն Հայ քրիստոնէի, մեծի եւ փոքու, ամեն եկեղեցականի եւ աշխարհականի առ հասարակ։

Թէ մեր ամեն կաթողիկոսունք ալ այսպիսի բան մ՚ըրած են յաթոռակալութեան իւրեանց՝ չեմք տարակուսիր. բայց շատ տարակուսիմք թէ Շնորհալւոյ նման բան մ՚ըրած եւ դրած ըլլան. գոնէ մեզի հասած չըլլալով՝ յայսմ ալ յառաջադէմք, նախօրինակ կը գտնեմք զնա, եւ իր Ընդհանրական ըսուած վարդապետական թուղթը կամ գրքոյկը, իր եզական եւ դասական գործոց մէկն, դարձեալ  ընտիր մը յընտիրս եւ պարծանք ՚ի պարծելիս։

Մեր նախհայրապետ Ս. Գրիգորի Լուսաւորչի Յաճախապատում գիրքն, Ս. Յակովբայ Մծբնացւոյ Զգօն գիրքն՝ գրեալ ՚ի խնդրոյ Արիստակիսի կամ Վրթանիսի, Յովհ. Մանդակունւոյ ճառքն, կըրնան կերպով մ՚իրենց քահանայապետական Շրջաբերական համարուիլ, այլ չունին որոշակի երեւույթ, եւ աւելի գիրք կազմեն քան յատուկ Թուղթ կամ Կոնդակ մը։ Աւելի ասոր կերպն ունին Ս. Սահակայ հինգ կամ վեց կանոնական բանքն կամ թուղթքն, որոց հետ թերեւս ուրիշ բանք ալ կային։ Իրմէ 300 տարի վերջը՝ աւելի որոշակի կերպարանաւ ընդհանրական մը կ՚ընծայէ Իմաստասէր Հայրապետն մեր Յովհան Օձնեցի, զոր արժան է բանասիրաց՝ աչքէ անցընել եւ բաղդատել մեր Շնորհալւոյ Շրջաբերականին հետ, եւ քննել զտարբերութիւնս ոճոյ բանիցն, մանաւանդ ժամանակին եւ ոգւոյ հեղինակացն: Հոգւոց օգտի դիտումն հաւասար է երկուքին ալ. բայց Շնորհալին աւելի կերպով այս բարոյական օգուտը կը դիտէ, Յովհան զեկեղեցւոյ կարգաւորութիւնը։ Սա՝ որպէս քաջ երեւի՝ յունական դպրութեան եւ Ս. Հարց գրուածոց՝ աւելի վարժ, եւ ժամանակաւ աւելի մերձաւոր կրթեալ դասական մատենագրաց կուռ եւ ճարտար ոճոյն՝ ՚ի միտըս եւ ՚ի շարակարգութեան բառիցն ալ հաւասար իմաստասիրէ եւ արուեստ մ՚ալ կը ցուցընէ, թէ ոչ եւ արուեստակութիւն. իսկ Շնորհալին միշտ իր միջնաշաւղին մէջ՝ աւելի անարուեստ պարզ եւ յստակ, մանաւանդ թէ շեշտ եւ շիտակ իր նպատակին կ՚երթայ, եւ հոգիները կ՚արթընցընէ։ Օձնեցին՝ վայելուչ եւ յիրաւի հօս անապակ եւ մանկափայլ ոգւով մը կը յիշեցընէ իր առաջին անզբաղ եւ հոգէ ազատ կեանքը, եւ կը հառաչէ անցեալ մանկութեանը յորում՝ սուր միտք ալ ունենալով՝ միայն զայն հարըստացընելու եւ զարդարելու կը պարապէր, «իբրեւ զհարանական յօրինուածոցն զգեստ, պատշաճ լինելով յերկնայնոյն պարփակիլ փեսայի առագաստ». եւ այնքան մաքուր էր սիրտն՝ որ Յիսուսի շնորհքն իրմէ դուրս կը ցոլար, «հանգոյն արեգական՝ ՚ի խորս ուրեք ընդ յստակութիւն ջուրցն առաքելով զիւր Ճառագայթսն». այնքան ալ մտադիր էր հոգւոյ եւ մտաց արժանաւոր բարեաց, որ «որպէս ՚ի ծաղկահոտ գինի՝ սպունգ ինչ թացեալ՝ այնպէս լցեալ ուռՃանայր ՚ի նմանէ՝ բանականս իմ ոգի. մինչեւ զի կարել ասել Մանուկ էի մտավարժ, եւ ոգւոյ բարւոյ դիպեցայ». ցանկալի բաղդով մ՚ալ գտնելով իրեն «վարժապետ վեհագոյն հայր միանգամայն եւ հրահանգող հոգեկան վարժութեանց՝ Թէոդորոս» մէկ մը, որ կարծուի Քռթենաւոր կոչեցեալ վարդապետըն։ Ասոնց նման ուրիշ գեղեցիկ բանիւք եւ նմանութեամբ կը ներկայացընէ իր մանկութեան երջանիկ օրերը՝ յետ կիսոյ Է. դարու. եւ հիմա որ աստիճանաց բարձրութեամբ, հասակաւ եւ հոգովք յառաջացեր էր, կը փափագի՝ թէ կարելի էր՝ թողուլ զայս ամենայն եւ «դառնալ հանդիպել մատաղագունի եւ անթարշամ ՚ի մեղաց եղելոյ հասակին». բայց որովհետեւ անկարելի է այս, ուրեմն կ՚ըսէ, «դարձցուք եւ զկարելւոյն բուռն հարցուք եւ այս են առաքինութիւնք», եւ այլն։ - Կլայեցին ալ կըրնար այս բաներս ըսել. որովհետեւ Յովհաննու ըսածին պէս ունէր մաքուր սիրտ «յաստուածայնոյ թափանցանց լինելոյ նշուլից», եւ մտավարժ հանճար, եւ փոխանակ Թէոդորոսի՝ Ստեփանոս վարժապետ մը, եւ հօր տեղ Գրիգորիս հարազատը, եւ անզբաղ պարապէր յուսմունս բանաւորս եւ հոգեւորս ՚ի մենարանս Սեաւ Լերանց, եւ անշուշտ իրեն ալ ցանկալի էին այն օրերն եւ զբաղմունքն՝ քան հիմկու հոգքն. եւ զայս միայն յիշէ լռելով առջինները։ Յովհան՝ աւելի հանդարտ սրտով մը` յետ առաջին կենացն յիշատակի, իր վրայ ըսելով՝ բայց ամենուն ազդելով՝ կը յիշեցընէ, որ ո՛ր եւ է հասակի եւ վիճակի մարդ՝ պարտաւոր է ջանալու առաքինութեամբք զինքը կրթելու, որպէս զի ըստ կարի նմանէ Աստուծոյ, յորմէ զայս պատուէր առաւ եւ ասկէ առաջ կ՚անցնի յանդիմանելու զանոնք որ փոխանակ ասոր՝ անհոգութեամբ աւելի արտաքին բաներու կը զբաղին. եւ գլխաւորապէս եկեղեցական իրաց մէջ անփութութիւն եւ շփոթութիւն մը կայ, եւ զանազանութիւն արարողութեանց ՚ի զանազան կողմանս։ Արդ այս բաներուս դարման տանելու եւ բարեկարգելու համար՝ կանչեր էր զեպիսկոպոսունս ՚ի ժողով, եւ անոնց գործակցութեամբ կը սահմանէր ինչ որ պէտք էր վասն տօնից, ժամակարգութեան, եւ խորհրդոց կատարման. եւ այս ամեն բանս 32 կանոնի վերածելով՝ իբրեւ եկեղեցւոյ հրաման ամեն Թեմի կը խաւրէր։ Այսպիսի է Օձնեցւոյն շրջաբերականն, որ ինչպես վերջի ըսածէս երեւեցաւ՝ ժողովական եւ կանոնական գրուած մ՚Է։ Իսկ Կլայեցւոյն աւելի բարոյական է. Աստուծոյ ներքսագոյն տաճարը՝ որ է հոգին՝ բարեկարգել դիտելով, ըստ զանազան վիճակաց եւ դասուց մարդկան։ ՅովՀաննու ատեն՝ թէ եւ ազգերնիս մեծաւ մասամբ Արաբացւոց բռնակալութեան տակ էր, այլ Իմաստասեր կաթողիկոսն մեր՝ որ ներսէն խարազն կը հագնէր, դրսէն ոչ միայն պերճազգեստ երեւէր, այլեւ ինչուան մօրուքն ալ ոսկեթել պճնելով՝ ամիրայից եւ ամիրապետաց առջեւ կ՚ելնէր ոսկէջրած ոպնիազ գաւազանն ՚ի ձեռին, զանոնք պատկառեցուցեր հիացուցեր էր իր վեհափառ կերպարանօք եւ խօսուածքով, եւ անոնց իշխանութիւնը կակղացուցեր էլ մերայոց վրայ. անով եւ ինքն հայրապետն՝ մեծ հեղինակութիւն եւ իշխանութիւն ունէր ազգին վրայ. իբեւ եկեղեցական թագաւոր մը. իշխանք եւ եպիսկոպոսունք մեծարանօք եւ սիրով իբրեւ հարկատուք հնազանդէին. հայրապետանոցն ալ իբրեւ հարուստ պալատ մը կը բարձրանար արշակունաշէն մայրաքաղաքին Դունայ հարուստ ապարանից մէջ. մտնող եւ ելնող, բերող եւ տանող անթիւ էր։ Իսկ հիմայ ետ 430 տարեաց, ո՜րքան փոփոխած Հայոց ազգին վիճակն. ամբողջ թագաւորութիւն մը (Բագրատունեաց) կանգնուած եւ կործանուած էր այս միջոցիս. հին պայազատութիւնք իշխանազանց գրեթէ բոլոր մարած, եւ մնացորդք իշխանաց ալ մեծագոյն մասամբ յօտար երկիր գաղթած. Հայաստան՝ մեկի տեղ շատ տերանց եւ բռնաւորաց բաժին եղած, Թուրքաց, Պարսից, Արաբաց, Վրաց, եւ այլն. կաթողիկոսն վտարանդեաց հետ վտարած, Մեծ եւ Փոքր Հայոց եւ Միջագետաց միջոց, գետոյ մը պատուածքի եւ քարանձաւի մը ծոց ապաստանած, գրեթէ անայցելու եւ անօգնական, եւ, թողունք որ ինքնին ըսէ ցաւագին եւ աննկուն սրտիւ Շնորհալին. « Քաղաք թագաւորական եւ բազմաժողով ոչ գոյ ազգի մերում, որպէս զի անդանօր նստելով յաթոռ հայրապետութեան եւ վարդապետութեան՝ ուսուցանէաք ժողովրդեան մերոյ զաստուածային պատուիրանս, ըստ առաջին հայրապետացն եւ վարդապետացն. այլ եմք իբր զայծեամն յորսորդաց եւ ի շանց փախուցեալք՝ ՚ի քարանձաւս յայս բնակելով. յորում ոչ եւ մարմնական կարկաւոր պիտոյիւք շատացեալք՝ ՚ի գեղից կամ յագարակաց, յորոց ունիմք եւ ոչ մի• (մինչ Պետրոս Գետադարձ 500 մեծամեծ գեղեր եւ աւաններ ունէր. ) նա եւ ոչ անդաստան հողոյ, զի վաստակօք եւ աշխատութեամբ՝ զպէտս մեր լնուաք. եւ ոչ օգնութիւն ուստեք, որպէս արժան էր, ՚ի թագաւորաց եւ իշխանաց ՚ի Քրիստոս հաւատացելոց. այլ միայն ՚ի Տեառնէ Աստուծոյ»։ 

Հռոմկլայի կղզիացեալ մենացեալ դիրքն, ոչ միայն բնապէս այլ եւ քաղաքականապէս, (վասն զի գրեթէ անկախ էր յամեն տէրութենէ), այսպիսի վիճակի պատճառ մ՚եղաւ. ամեն քաղաքական հաղորդակցութիւն կտրուած էր հօն Եփրատայ քարապտոյտ ջրերով, եւ անոր պատած փոքրիկ եւ քարուտ միջոցն միայն էր կալուած եւ աշխարհք Հայոց հայրապետին. բայց ոչ եթէ չկային բնաւ իշխանք եւ հարուստք, որ կարենային օգնել, այլ կամ անհոգ էին, կամ իրենց հոգերով զբաղած. եւ միայն իրեն զգականքն զինքը կը պահէին, եւ անկէց աւելի՝ իրեն ազնուականութիւնն եւ արժանիքն՝ որք անյայտ կերպով ալ դարման եւ թոշակ կը ճարէին։ Շնորհալւոյ գանգատն եւ ցաւն ոչ ասոնց նուազութիւնն էր, այլ անկարելիութիւնն տեղէն հեռանալու եւ ազգին մէջ պտըտելու, որք՝ ըստ իրեն բարեւագրին՝ ամեն դեհ, ցրուած էին, ու որք յարեւելս՝ ՚ի սեպհական աշխարհդ Հայաստանեաց բնակեալք, եւ որք յարեւմտեան կողմանսդ սահեալք նշդեչութեամբ, եւ որք ՚ի մէջերկրեայս այլալեզու ազանց տարբերեալք, եւ որ յիւրաքանչիւր եզերս աշխարհաց՝ ըստ մեղաց մերոց՝ ցրուեալք, ՚ի քաղաքս եւ ՚ի գիւղս եւ յագարակս»։ Սակայն սէր եւ պարտք՝ աղքատութեան եւ հեռաւորութեան ալ կը յաղթեն. Շնորհալւոյ գրիչն ամեն տեղ կըրնայ թըռչիլ եւ հասնիլ, եւ զայս ճար կը գտնէ. «գրով ձեռին մերոյ խօսիմք՝ որպէս բերանով՝ ընդ ամենեսին»: Այս պարտքս ամեն եկեղեցական ալ ունի, կ՚ըսէ, ըլլայ կաթողիկոս, ըլլայ հայրապետ (արքեպիսկոպոս), ըլլայ եպիսկոպոս կամ քահանայ ասոնց ամենուն ալ կը վայլէ ըլլալժողովըրդեան հոգեւոր ծնօղ, դայեակ, վարդապետ, բժիշկ, դէտ, հովիւ, առաջնորդ, միջնորդ դատաւոր, եւ այլն, եւ այս իւրաքանչիւր պաշտամանց վրայ կը խօսի համառօտիւ, ինչ որ աւելի ընդարձակօրէն ոչ շատ տարի առաջ Յովհ. Սարկաւագ վարդապետն գրած էր Յաղագս քահանայութեան ճառին մէջ։ Ապա ամենէն ալ մտադրութիւն եւ ներողամտութիւն խնդրելով՝ նախ եւ առաջ հասարակաց հարկավոր հաւատոյ դաւանութիւն մը կ՚ընէ եւ կը սովրեցընէ, զի հաւատքն է, կ՚ըսէ, բանական մարմնոյն գլուխ, իսկ ինչպէս որ գլխոյն ալ կը վայլէ անձ մը՝ այն ալ պէտք է ըլլայ մարդուս՝ բարեգործութիւնն. «Եւ որպէս գլուխ առանց անձին յարմարութեան՝ ոչ կարէ կրել կենդանութիւն, եւ ոչ անձն առանց գլխոյ, նոյնպէս եւ հաւատ առանց գործոց, եւ գործք առանց հաւատոց՝ մեռեալ են երկոքին, ըստ Առաքելոյ»։ Ասոր համար կը խրատէ եւ կ՚աղաչէ զամենքն, որ մեծ հոգով ջանան այս երկու ամենակարեւոր բաներուս, Հաւատոց եւ բարի գործոց. զորս կերպ կերպ պիտի բացատրէր իւրաքանչիւր դաս մարդկան առանձնաբար գրելով. եւ որպէս զի չկարծէ մէկն թէ ինքն իբրեւ անկարօտ՝ ուրիշներու կը պատուիրէ, կը խնդրէ որ իրեն համար ալ աղօթեն, որպէս զի ինքն ալ զնոյն կատարէ, «աղ լինելով՝ նեխելոց, եւ լոյս՝ խաւարելոց, ըստ հրամանին Տեառն, նախ անձին եւ ապա այլոց»։

Ութ կամ իին Դաս եւ վիճակ մարդկան կը բաժնէ Շնորհալին իր ժողովուրդը, նախ զեկեղեցականս եւ յետոյ զաշխարհականս դասելով, այսպէս. ա) Կրօնաւորք կամ վանականք, եւ բ) Վանահարք գ) (կամ բ) Եպիսկոպոսք. դ) Քահանայք, ե) Իշխանք. զ) Զինուորք, է) Քաղաքականք` ը) Երկրագործք եւ ամենայն ժողովրդականք` թ) Կանայք։ 

Ա եւ Բ Վանականները ամենէն նախադաս դնելու պատճառն՝ ոչ աստիճանաւ վեր ըլլալ կը ցուցընէ, այլ միայն անոր համար՝ որ կրօնաւորաց կը վայլէ քան զամենայն դաս մարդկան սրբագոյն եւ աստուածամերձ վարք ունենալ, կամ ինչպէս ինքն վայելչապէս կ՚ըսէ, գերաշխարհիկ ըլլալ, աշխարհիս մէջ ըլլալով իսկ՝ իբր աշխարհէ դուրս կամ վեր կեանք մ՚անցընել. «հրեշտակք ՚ի մարմընի եւ աստեղք լուսաւորք յերկրի». եւ իբրեւ առ այսպիսիս՝ մեծարանօք եւ խոնարհութեամբ կը սկսի խօսիլ հայրապետն՝ իբրեւ ծառայակից առ ծառայս Աստուծոյ։ Որով կը յայտնուի ալ՝ թէ դեռ այն ատեն շատ բարեկարգ վանքեր կային եւ շատ բարի օրինակք, եւ այսպիսի գերադասութեան կ՚արժանանային կրօնաւորքն. եւ զի այն ատեններէն սկսեր էր ամեն բարձր աստիճանի եկեղեցականաց ալ ՚ի վանորայս կրթուիլն, աւելի ալ մեծ յարգ կ՚ընծայուէր վանականաց։ Սակայն ճշմարիտ մարդն՝ ոչ անուան կամ կարգի կամ ձեւի եւ տեղւոյ վրայ է, այլ վարուց. վարք մը՝ որ աշխարհային ըսուած բաներու կցորդ պիտի չըլլայ. աշխարհքէ հրաժարողին չի վայլեր նորէն զաշխարհ նկատել, Ղովտայ կնկան պէս ետեւ դառնալով նայելով, զի «ոչ Աստուծոյ է պիտանացու այնպիսին՝ իբրեւ զկրօնաւոր, եւ ոչ աշխարհի օրինաց՝ որպէս զաշխարհական, այլ է անարգ եւ անպիտան, կոխան եղեալ ՚ի մարդկանէ՝ որպէս զաղ անհամեալ»։ Աշխարհի, որ է ըսել ամենայն մարդկան, բարի օրինակ ըլլալ՝ բանիւ եւ գործով, կամ որպէս աղ եւ լոյս պիտանի ըլլալ՝ անհրաժեշտ պարտք է կրօնաւորի, բայց ոչ եթէ աշխարհի եւ աշխարհականաց մէջ պտըտելով, այլ մանաւանդ հեռանալով, եւ միայն Հոգեւոր եւ մտաւոր օգտի համար անոնց մէջ մտնելով` միայն ծերոց եւ տկարաց կը ներէ վանքէն դուրս բնակել երբ հօն չեն կըրնար կարեւոր դեղ եւ դարման գըտնել այլ եւ այն « բնակելն յաշխարհի՝ ուղիղ եւ ոչ բամբասասէր վարուք»։ - Այն ատենն կրօնաւորաց մեկ կարեւոր զբաղանքն եւ անկէ պատճառեալ յանցանքն կ՚իմացընէ, դարմանոյ եւ տրից նուազութեան համար՝ ստիպուած ըլլալնին յերկրագործութիւն եւ յայգեգործութիւն, որ ամենայն հին կրօնից մէջ ալ ներելի եւ պիտանի պարապմունք էր, սակայն երբեմն ժամավաճառութեան եւ ագահութեան ալ ատճառ կըլլար. ասոնցմէ կը զգուշացընէ Շնորհալի, եւ կը պատուիրէ, որ աղքատաց եւ կարօտաց տան ինչ որ իրենց կարեւոր ոգեպահիկէն կ՚աւելնայ, որպէս զի ընչասիրութիւն չմտնէ. ուսկից կարգաւ առաջ կու գան դիւրակեցութիւն, փափկութիւն եւ ցանկութիւն. որոց համար հարկաւոր է զգուշանալ ՚ի լիութենէ, մանաւանդ գինւոյ։ - Կը զգուշացընէ զկրօնաւորս վանքէ վանք փոփոխուելէ, ինչպէս շատերն կ՚ընէին, անոր համար ալ կը մնային անհրահանգք, անխրատք եւ անհնազանդք եւ եթէ խրատուէին՝ այն վանքն ալ կը թողուին, ըլլայ նաեւ գիշերանց «իբրեւ ծառայ փախուցեալ ՚ի Տեառնէ. եւ որպէս զի ամենքն ալ չփախչին՝ առաջնորդն կը ստիպուէր լռելու։ Մեր օրերս թէպէտ եւ վանորայք շատ քիչ են, որով եւ վանականք, այլ թերեւս թափառականքն ոչ պակաս՝ համեմատութեամբ։ Ոմանք ալ «ծանրագոյն յիմարութեան» խօսքով կ՚ըսէին, թէ « Աստուած ազատ արար զմեզ եւ ինքնիշխանս. զիարդ զազատութիւնս մեր դիցուք ՚ի ծառայութիւն մարդկան»։ Երանի՜ թէ, կը պատասխանէ ՇՆորհալի, իրենց ազատութիւնը «բարւոք ՚ի կիր արկանէին, այսինքն ՚ի յախտից լինել ազատս». որոց դըժբաղդաբար ծառայ եւ գերի են այդպէս ըսողքն. մինչդեռ կրօնաւորի առաջին եւ իսկական պարտքն  է հնազանդութիւն եւ խոնարհութիւն եւ Ս. Բարսղի վկայութեամբ կը հաստատէ, թէ «Ամենայն ժուժկալութիւն եւ առաքինութիւն այնմ՝ որ զհնազանդութիւն առաջնորդին ոչ ունիցի՝ անօգուտք են, եւ ոչինչ պէտս համարեալ»։ Ապա կը խրատէ սիրով հպատակիլ, եւ մի՛ տրտնջալ մեծաւորաց վրայ՝ չբամբասել ոչ զմեծ եւ ոչ զփոքր. ամենեւին չար չխօսիլ։ Եւ դարձեալ կը կըրկնէ արթուն կենալ որ բան մը իրենց չսեփականեն իբրեւ ստացուած, թող թէ անհրաման բան առնուն, որ է իրենց գողութիւն։ «Եւ գլխաորելով զբանս՝ որ առ ծայրագունիցդ երամք, ասեմք զայս, եթէ խորհուրդք եւ բանք եւ գործք ձեր, եւ ամենայն շարժումն հոգւոյ եւ մարմնոյ, այնպէս եղիցին պարկեշտք եւ աստուածավայելուչք, որպէս զի անուանն Աստուծոյ եւ ձեւոյ կրօնաւորութեանդ՝ մի՛ հայհոյութեան եւ պարսաւանաց՝ այլ գովութեան եւ փառաւորելոյ լինիցին պատճառք ՚ի տեսողաց եւ ՚ի լսողաց»։

Իսկ վանահարց կը յիշեցընէ՝ որ բաւական չէ իրենց՝ պարզ կրօնաւորի մը առաքինութիւն, այլ կը պահանջուի սրբութեան հետ եւ գիտութիւն, լաւութիւն եւ իմաստութիւն, եւ թէ հրամայելու պաշտոնն զիրենք ազատ չըներ եւ յաշխատելէ. մանաւանդ թէ օրինակ ալ պէտք է տան յայնմ։ Մասնաւորապէս կը զգուշացընէ յաչառութենէ կամ ՚ի կողմնասիրութենէ. այլ ծերոց եւ տկարաց պէտք է աւելի խնամք տանին։ Զգուշութեամբ եւ խնայութեամբ գործածեն վանաց եւ եկեղեցւոյ նուիրած տուրքը, եւ չսեփականեն իրենց անձանց։ Առաջնորդութիւնն ալ ոչ անձնահաճութեամբ եւ ոչ կաշառօք առնուլ, այլ հրամանաւ եւ քննութեամբ «ժամանակին առաջնորդի». եւ չփոխել զառաջնորդն՝ եթէ եկեղեցւոյ վնաս կամ անարժան գործք մ՚ըրած չէ։ Վերջապէս՝ կ՚ըսէ հայրապետն, թէ վանաց առաջնորդէ մը շատ բան կը պահանջուի՝ ինչպէս որ «եդեալ (է) ՚ի բանս սրբոց հարցն եւ թէ զամենայն ոչ էք բաւական կատարել, յաղագս ձմեռն գոլով ՚ի բարեաց ժամանակիս, գոնեա զյոլովսն գործովք կատարեցէք, եւ առ պակասեալսն՝ զյօժարութիւն կամաց ունիցիք, եւ զղջումն եւ տրտմութիւն՝ վասն պակասութեանն»։

Գ. «Առ Առաջնորդս եկեղեցւոյ, որ են յաշխարհի, որ կոչին Եպիսկոպոսունք որ ըստ աստիճանի առաջին էք», թէ եւ վերոյգրեալ պատճառաւ յետ Վանականաց դասեցան. եւ են յաշխարհի ըսելով, կ՚իմացընէ՝ որ դեռ այն ամենն ալ ըստ հին եւ ըստ գովելի սովորութեան եկեղեցեաց՝ եպիսկոպոսունք քաղաքաց եւ ժողովրդեան մէջ բնակէին յեպիսկոպոսարանս, եւ ոչ ՚ի վանս, ինչպէս յետո սովորութիւն եղաւ ի Հայս եւ յայլ արեւելեայս. եւ աւելի յաճախեց մեր՝ Շնորհալիէն քիչ վերջը, երբ վանորայք թագաւորաց եւ իշխանաց հիմնարկութիւն ըլլալով եւ իրենց պաշտպանութեան տակ, կամ բարձրաստիճան եկեղեցականներու կը յանձնէին, կամ եպիսկոպոսունք ապահովութեան համար հօն քաշուելով՝ վանահայրութիւն եւ եսիսկոպոսական տեսչութիւն միացուցին։ Թողլով այս խնդիրը, Շնորհալին ցուցընելով եպիսկոպոսաց գերագոյն աստիճանը՝ կը հետեւցընէ թէ կամ անոր համեմատ ալ վարք ունենալու է, կամ հրաժարելու է ՚ի պաշտօնէն. կամ թէ չէ՝ զղջմամբ դառնալ յուղղութիւն։ Պօղոսի առաքելոյ առ Տիմոթէոս գրած խրատները կը բացատրէ, թէ ինչպէս պէտք է Եպիսկոպոսն ըլլայ անարատ, հեզ, ցած, պարկեշտ, եւ այլն. որոյ համար զգուշանալի է ՚ի պերճութենէ, եւ մանաւանդ ճանապարհի մէջ՝ երեւելի ձի եւ ջորի հեծնելէն, որ մեր եկեղեցականաց սխալելու առիթ մ՚եղած էր՝ ինչուան Մեծին Ներսիսի օրերէն, եւ կը ցուցընէ ալ Հայոց քաջ հեծելութիւնը. «եւ ոչ սրընթաց ձիովք շահատակել, եւ շամբք եւ բզէիւք որսականօք՝ բերել առ երէվայրիս եւ թռչունս, որպէս ըսեմք զոմանց թԷ իցեն, (յորսորդութեան). որ այնքան պատշաճի այսմ ձեւոյ ունողաց այս գործ, որպէս թէ զգտակ կարմիր դիցէ ՚ի գլուխ կրօնաւորն՝ փոխանակ քուսիթայի, եւ զգեստ բեհեզեայ՝ ընդ ասուոյ եւ այծեաց»։ Շատ մեղադրանօք կը յիշէ ոմանց կաշառօք եւ կապալօք եպիսկոպոսութիւն գնելն՝ ՚ի ձեռն այլազգի իշխանաց. եւ որ աւելի ցաւալին էր, ոչ թէ այլազգիք սկան կաշառ պահանջել, այլ «յազգէս մերմէ սկսաւ այս գործ չարութեան, եւ ծանուցաւ այլազգեաց՝ յաներկիւղից ոմանց եւ ՚ի փառամոլից. որք մի ՚ի միոյ վրայ յառնելով՝ տակաւին աճեցուցանեն զկապալս ՚ի վերայ եկեղեցւոյ Քրիստոսի, որպէս ըզտունս բաժից կամ` զներկոցաց». ոմանք ալ ՚ի կաթողիկոսէն մերժուած ըլլալով՝ նորէն աթոռնին կը գրաւէին այլազգեաց պաշտպանութեամբ, այսպիսիք ոչ թէ նուրբ կարգին՝ այլ եւ ոչ քրիստոնէութեան արժանի են, եւ ոչ թաղման եւ յիշման ՚ի սուրբ պատարագի։ Այս փառասէր եպիսկոպոսներէն ետեւ մեծագոյն սրտցաւութեամբ կը յիշէ Աղթամարայ հերձուածը, առանց անունը տալու, այլ յայտնապէս կ՚ըսէ որ իր եղբօր ատեն 2500-էն աւելի անգամբք ժողով եղաւ ՚ի Ս. Լեառնն, այն ինքնագլուխ ապստամբաց դէմ, «եւ սրով բանին Աստուծոյ հատեալ ՚ի բաց ընկեցան՝ որպէս զնեխեալ եւ զփտեալ անդամ յառողջ մարմնոյ եկեղեցւոյ, անէծս ցաւագինս կուտեալ ՚ի գլուխ նոցա». այլ անոնք դժբաղդաբար առանց զգաստանալու յամառեալ մնան, «որոց արիւն ՚ի գլուխ նոցա եղիցի»։ Ապա յորդորելով զհաւատարիմ՝ եպիսկոպոսունս «՚ի գործ հոգեւոր հովուութեանդ», կ՚աւարտէ խօսքը։

Դ. «Առ դաս Քահանայից»։ Եկեղեցական գործոց մեծ մասն ասոնց ձեռօք կատարուի. ըսել է որ քահանայք բազմաթիւ են քան զայլ պաշտօնեայս. հարկ էր ուրեմն որ մեր քահանայապետն ալ երկարագոյն խօսի եւ խրատէ զասոնք։ Եւ նախ յիշեցընէ զմաքրութիւն վարուց, որ իբրեւ նիւթ պէտք է ըլլալ քահանայութեան, եւ անոր հետ գիտութիւն, որ իրենց գործը լաւ կատարելու եւ թէ ժողովուրդը հրահանգելու համար։ Կը յանդիմանէ շատ տեսակ անկարգութիւններ, որ տեղ տեղ մտած էին. ինչպէս առանց քահանայական զգեստու պատարագել կամ աւետարան կարդալ, կամ ժողովուրդը դուրս թողուլ եւ դռները գոցելով պատարագել, կամ ինչուան պատարագի ատեն այս դիս այն դին պտըտելով՝ ապա աճապարելով եւ ուրիշ քահանայի պատրաստած նշխարով պատարագել, եւս առաւել չար՝ առանց խըղճի մաքրութեան եւ սրտի հաշտութեան՝ հաղորդիլ կամ հաղորդ տալ։ Այս բանիս վրայ երկար կը խօսի Շնորհալի, այսինքն զգուշանալու, որ սրտի մէջ ոխակալութիւն կամ հակառակութիւն չըլլայ, որ եւ շատ բանէ կըրնայ պատճառիլ. զորս յիշելով՝ կ՚աւելցընէ «աղաչեմք զամենեսեան զձեզ, դժուարաշարժս լինել ՚ի վիճաբանութիւնս եւ ՚ի կռիւս, եւ դիւրաշարժս ՚ի հաշտութիւն եւ ՚ի խաղաղութիւն, եւ մի՛ ոք որ զօրաւորն է ՚ի մարմնական յառաջադիմութիւնս՝ ջանայ զրկել զընկերն եւ անիրաւել». այլ մեծագունից կը վայլէ աւելի զիջող եւ ներող ըլլալ, կրսերագունից ալ՝ հնազանդ եւ խոնարհ. ասանկով կըրնան ժnղովրդեան ալ բարի օրինակ ըլլալ. ընդ հակառակն, «եթէ ՚ի վիճունս եւ ՚ի հակառակաբանութիւնս եւ ՚ի հայհոյութիւնս միմեանց տեսանեն զձեզ, յորս են բազումք, մանաւանդ թէ ամենեքեան՝ բաց ՚ի սակաւուց, անունն Աստուծոյ վասն ձեր հայհոյի ՚ի տեսողացն արտաքնոց, եւ ժողովուրդ ձեր առավել խոտորին ՚ի պատուիրանացն Աստուծոյ, եւ զպատիժ դատաստանին դուք կրէք զթիւրելոցն ձերով պատճառաւ՝ յուղիղ ճանապարհէ աստուածային օրինացն»: Ցաւելով կը յիշէ նաեւ շատ քահանայից տգիտութիւնը, որ եւ պատարագի աղօթներն անգամ չէին գիտեր բերնուց մինչդեռ կը վայելէր՝ «ըստ աւանդութեան կանոնի հարցն սրբոց» բոլոր սաղմոսն ալ գիտնալ, եւ դեռ կարգը չառած՝ գոնէ երգոց եղանակներին եւ ընթերցմունքը լաւ գիտնալ։ Ապա մասնաւոր գործերու գալով, նախ Մկրտութեան խորհուրդը կատարելու կարեւոր խրատներ կու տայ. սուրբ աղօթից հետ ծիծաղական խօսքեր չխառնել. զառողջ երախայն կերակրէ ետեւ չմկրտել. անհաւատ կնքահայր չառնուլ՝ այլազգեաց մկրտութիւնն ալ կ՚արգիլու, բայց եթէ շատ զգուշութեամբ եւ ՚ի հարկէ յանձն առնուլ երբեմն: Երկրորդ Պսակի վրայ կը խօսի աւելի երկար. եւ նախ որ գաղտուկ պսակ չըլլայ, այլ յայտնի, ինչպէս որ « երգոցն ձայնք եւ նուագարանացն՝ զնոյն վկայեն »։ Մանր տղայ չպսակել, այլ մանչն գոնէ 15 տարեկան ըլլայ, աղջիկն ալ 12 կամ աւելի. եւ այն ալ միշտ երկուքին հաւանութեամբ, եւ մի՛ բռնակալաց հրամանաւ, ինչպէս Մեծ Հայոց կողմերը կ՚ըլլար։ Իսկ կնաթողը կամ յափշտակողը՝ ամենեւին չպսակել։ Խնամութեան աստիճանաց ալ զգուշանալ մինչեւ ՚ի չորս ազգ։ Պսակին ժամանակն ալ մինչեւ ՚ի կէսօր է. եւ եկեղեցական հանդիսին ասեն՝ աշխարհական երգք եւ նուագարանք պետք է դադրին, մինչեւ որ պսակեալքն եկեղեցիէն դուրս ելնեն։ Պսակ ըլլալու  կամ չըլլալու օրերն ալ կը նշանակէ։ Պսակող՝ քահանայից ալ կը պատուիրէ՝ որ հարսանեաց կոչունքին ինչուան վերջը չկենան, այլ «մինչ յերիս միայն արբումն բաժակի». եւ անկէ ետեւ հեռանան, թողլով զաշխարհականս. վասն զի յայտ է որ երբ գինւոյն բաժակք յաճախեն՝ գլխին սկաւաառակն կը թեթեւնայ, եւ ափեղցփեղ խօսք եւ կատակք կըրնան ըլլալ։ Ասոնցմէ ետեւ կը խրատէ զքահանայս՝ եպիսկոպոսաց հնազանդ ըլլալ, անոնց դէմ բողոք չընել առ աշխարհական իշխանս. աշխարհական հոգոց, քաղաքի կամ գիւղի վերակացութեան, հարկ ժողովելու, ձիու եւ զէնքի կրթուելու չպարապիլ, ձիընթացից մէջ չմրցիլ, կամ որսոց եւ նետաձգութեանց։ Դարձեալ, իրարու պատուոյ եւ պաշտաման ալ մտադիր ըլլալ, մէկուն բանադրածը՝ չարձակել, կամ անձըկածը չբանադրել։ Յետ ամենայնի դեռ երիտասարդ շուշտակ կամ այրի երիցանց ալ խրատ կու տայ՝ որ այնուհետեւ վանք քաշուին, որ անփորձ մնան յաշխարհէ, իսկ եթէ մէկն չառնուր յանձն հե ռանալ տընէն եւ տեղէն՝ գոնէ անկէ ետեւ պատարագ ալ չընէ. իսկ տարիքն առած ամուրի երիցանց՝ կը թողու իրենց խղճին՝ կենալն յաշխարհի:

Ե. Յետ եկեղեցականաց կու գայ կարգն «առ Իշխանս որ ըստ աշխարհի. որք ՚ի նուազեալ ժամանակիս տիրէք ՚ի տեղիս տեղիս՝ բազմաց եւ կամ սակաւուց՝ զօրաց եւ գաւառաց». որոց յիշեցընէ որ իրենք ալ Աստուծոյ իշխանութեան տակ են, պէտք է օրինաց յարմար շարժին. չնեղեն հպատակները ծանր հարկերով, կամ չար եւ անիրաւ գործակալներով. արդարութեամբ դատին. չառնուն կաշառ. անլսող չըլլան այրեաց եւ տկարաց. չարաչար չաշխատեցընեն իրենց ձեռքի տակ եղողները. ամենեւին չզրկէն մէկը, կամ յափըշատակեն օտարաց ստացուածը. եւ այս բանիս  վրայ երկար կը խօսի, սովորական պակասութիւն մ՚ըլլալով: Նոյնպէս կը զգուշացընէ ՚ի ստութենէ եւ ՚ի խաբէութենէ, եւ հպարտութեամբ գործերէ. եկեղեցւոյ օրինաց եւ հրամայեալ պահոց ալ պարտքերնին ճանչնալ. իրենց ծառաներ եւ զինուորներն ալ չբռնադատել ընդդէմ օրինաց եւ իրաւանց. զգոյշ ըլլալ նաեւ երդմանց, ոչ երդնուլ, եւ ոչ ալ օրինաւոր երդմունքը զանց ընել, թէ եւ այլազգւոյ եւ անհաւատի եղած ըլլայ. դատաստանի ատեն ալ զգոյշ ըլլալ՝ որ բարկութեամբ կամ՝ կրքով չշարժին, մանաւանդ պատիժ կամ մահ վճռելու ատեն. իսկ վրէժխնդրութեան համար ամենեւին չդատապարտեն, կամ՝ կռիւ ընեն. այլ Քրիստոսի սէրն եւ համբերութիւնը յիշեն, եւ իր խօսքը, թԷ «որով չափով չափէք՝ չափեսցի ձեզ»։

Զ. Յետ իշխանաց բնականօրէն կարգն կու գայ առ Զինուորս. որոց առաջին պարտք է հաւատարմութիւն առ տեարսն, թէ եւ անհաւատ ըլլան անոնք. երկրորդ, գթութիւն եւ արդարութիւն, երբ իրենց վերակացութեան գործ յանձնուի կամ պահպանութիւն, ամենեւին չի վայլեր զուրիշները նեղել կամ զրկել կամ կողոպտել. պէտք է գոհանան իրենց թոշակաւն, գողութիւնն՝ ինչպէս ուրիշ մարդկանց՝ իրենց ալ մեղք է. այսպէս եւ եկեղեցւոյ պատուիրանները չպահելն։ Կերպով մը զինուորաց աւելի կը վայլէ երկիւղած կեանք մ՚անցընել, որովհետեւ միշտ մահուան վտանգի մէջ են. որչափ որ իրենք զգուշութեամբ եւ գթութեամբ ապրին՝ Աստուած ալ իրենց օգնական կ՚ըլլայ եւ «ախոյեան ՚ի պատերազմունսն»:

Է. կարգն կու գայ առ Քաղաքականս, որով կ՚իմացուին Վաճառականք եւ Արուեստաւորք, որք ամեն ազգաց մեջ առանձնական դաս մը կը կազմեն ժողովրդեան։ Ասոնց կարեւորագոյն յիշելիքն է անխարդախութիւն ՚ի տուրեւառս, չխաբել չճանչցողները, երկու տեսակ կշիռք չբանեցընել. վաշխով ստակ չտալ, այլ մանաւանդ ողորմութեամբ։ Եւ որովհետեւ քաղաքացիք նախապատիւ են քան զգեղացիս՝ ասով պէտք չէ որ զանոնք արհամարհեն։

Ը. «Առ Երկրագործս եւ համօրէն ժողովրդականս». որով իմացուին գեղացիք եւ ծառայական կամ ստորին կարգի ժողովուրդն, որք շատ տեղ միայն ապրուստ եւ զուարճութիւն կը մտածեն, եւ կրթութենէ զուրկ են, ուստի ասոնց կ՚իմացընէ որ մարդուս վախճանը նիւթական հեշտութիւնք չեն, այլ աւելի ազնուագոյն բաներ կը պահանջուին քրիստոնէէն. պէտք է որ ամեն մարդ զգուշանայ յանառակութենէ, ՚ի զեղխութենէ եւ յարբեցութենէ, եւ ՚ի յիշոցտուութենէ կամ յաղտեղի խօսից եւ յերդմանց, զոր սաստիւ արգելուն աստուածային օրէնք։ Մեծ պարտք մ՚ալ ունին իրենց զաւակաց կրթութեան, զորս ի տըղայութենէ պէտք է վարժեցընեն աղօթից եւ մաքուր խօսից։ «Եւ գլուխ ամենայն բարեաց՝ զսէր առ միմեանս կալջիք, եւ առ աղքատս եւ մերկս եւ հիւրս եւ բանտեալս եւ հիւանդս՝ զկարեկցութիւն եւ զողորմութիւն»։ 

Թ. Յետ ամենեցուն կու գայ փափուկ դասն Կանանց՝ որոց ՚ի հարկէ առաջին պատուէրն պիտի ըլլար՝ Պարկեշտութիւն, թէ՛ իրենց անձանց օգտին եւ թէ՛ երիտասարդաց համար. չըլլայ որ համարձակ կամ արուեստակեալ գեղեցկութեամբ «զիւր հոգին եւ զցանկացողն ինքեան՝ արկցէ ՚ի գուբն անօրէնութեան». եւս առաւել՝ սատանայօրէն առաջնորդ չըլլալ զուրիշները իրարու ձգելու։ Կը յիշէ նաեւ կախարդութիւն եւ դեղատուութիւնը, «զի այս գործ կռապաշտիցն է եւ ոչ քրիստոնէից». սակայն թուի թէ գտուէին այնպիսի անզգամ կանայք ՚ի Հայս ալ

Թէ այս վերջին դասին եւ թէ առաջնոց ալ՝ դեռ զգուշացընելու շատ բաներ կար, զորս կը թողու իւրաքանչիւր քահանայից եւ եպիսկոպոսաց. եւ ինքն կ՚աղօթէ որ Աստուած ամենուն ալ յօժարութիւն տայ լսելու եւ կատարելու լսածը՝ որով «զուարթագին եւ անտրտում երեսօք ասասցուք յաւուրն դատաստանի առաջի արդար դատաւորին. Ահա ես եւ մանկունք իմ՝ զոր ետուր ցիս. եւ դասեսցուք ընդ աջեայսն ՚ի յաւիտենական կեանսն, ձեօք հանդերձ, ՚ի Քրիստոս Յիսուս ՚ի տէր մեր». եւ այլն։

Այս է բովանդակութիւն Ընդհանրական թղթոյ Շնորհալւոյն առ համօրէն ազգայինս, որոց սերունդք ալ մինչեւ ցայսօր յարգեն զայն. եւ տպագրութեամբ հրատարակեալ է նախ ՚ի կողմանս ռուսաբնակ Հայոց։ Այնքան կատարեալ եւ կարեւոր համարէին զայն՝ նաեւ յաջորդք Շնորհալւոյն, որ անկէց լավ բան մը չյուսալով ըսել՝ շատք իրենց հայրապետութեան սկիզբը՝ զնոյն օրինակելով կը խաւրէին իրենց շրջաբերական ծանուցագրին հետ. ինչպէս յայտնի կ՚իմանամք Յակոբայ Ա. կաթողիկոսի կոնդակով, որ յետ 100 տարւոյ նստաւ յաթոռն (1268), եւ կ՚ըսէ. «Գտի յաթոռ Ս. Գրիգորի ՚ի Հռոմկլայս, ՚ի սրբազանն մեր, սուրբ կաթողիկոսին մեծին Ներսէսի գրեալ զայս լուսաւոր պարզ եւ իմաստուն բանից խրատ յորդորական խնդացի յոյժ ուրախութիւն մեծ, եւ Աստուծոյ համարեցայ շնորհեալ ինձ զգանձն զայն զայս գիրս լի իմաստութեամբ եւ գիտութեամբ եւ հանճարով. եւ ՚ի ձեռն իմ՝ մերոց հնազանդելոց ամենայն ՚ի Քրիստոս հաւատացելոց։ Դուք՝ մեր հոգեւոր որդիք, առաքելաշնորհ եպիսկոպոսունք, ընկալարուք զայս գանձ հոգեւորական զայս ասասցուք եւ խօսեսցուք առ քահանայս եւ առ ժողովուրդս Յամենայն շաբաթս երիցս կամ երկիցս ընթերցիք զայն որ վասն Եպիսկոպոսացդ խրատք յորդորականք եւ զայն որ վասն վանական քահանայից եւ կրօնաւորաց է խրատք՝ յամենայն կիւրակէի՝ ՚ի վերջին դասն, յառաջ քան զՀարցն` ընթերցցին ՚ի լուր ամենեցուն, եւ զայն որ վասն Քահանայից եւ ժողովրդականաց է խրատք, գրեցէք եւ առաքեցէք յամենայն եկեղեցիս որ ՚ի քաղաքի իցեն, եւ յամենայն գիւղս որ ընդ ձերով իշխանութեամբ են։ «Զայն՝ որ վասն քահանայիցն խրատք են՝ քահանայքն առանձինն ընթերցցին. եւ զայն որ վասն ժողովրդեանն է խրատք յորդորականք, քահանայքն յամենայն կիւրակէի ՚ի վերջի դասն յառաջ քան զՀարցն՝ ընթեռնուն ՚ի լուր ժողովրդեանն». եւ այլն։ Զարմանք չէ որ Յակոբ կամ ուրիշ կաթողիկոսք եւ եպիսկոպոսունք մեր՝ այսքան պատուական եւ պիտանի ճանչցան այս գրուածը. մինչ ժամանակիս լուսաւոր արեւմտեայ եպիսկոպոսունք անգամ, որք անոր տպագրեալ լատին թարգմանութիւնը կարդացեր են՝ վկայած են շատ օծութեամբ եւ լաւ գրուած ըլլալուն [1] ։ 



[1] Տպագրեալ ՚ի Ս. Ղազար Վենետկոյ, 1833։