Շնորհալի եւ պարագայ իւր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Լ.
Վերջաբան։

 

Լցան լրացան եօթն երկար եւ ծանր դարեր մեր ազգին համար՝ յետ Ներսիսի Շնորհալւոյ երջանիկ փոխման եւ մեր ապերջանիկ զրկման. իր մեծ իմաստութեամբ եւ մեծագոյն սիրով հաստատած շէնքը՝ դիւրաւ բարձրացուցին իր առաջին յաջորդքն, օգնականութեամբ քաղաքական ազգային տէրութեան մ՚ալ, որ անմիջապէս Սրբոյն յերկրէ հրաժարելէն ետեւ՝ հաստատուն վարչութիւն մը ձեւանալով` ամբողջ 200 տարի տեւեց, սկսեալ ՚ի Ռուբինէ որդւոյ Ստեփանեայ մինչեւ ՚ի Լեւոն Վերջին (1175–1375), թագաւորական փառօք ալ պերճացեալ. այն միջոցին թէ՛ ներքին ազգային միութիւնն եւ թէ՛ եկեղեցական միութիւնն ընդ միաբուն կաթողիկէ եկեղեցւոյ՝ աւելի ընդարձակ աւելի սերտ աւելի բանաւոր էր. յետագայ հինգ դարք աւելի քան զաւելի այլափոխեցին զազգ մեր, ինքնակացութեան հետքը ջնջելով ՚ի քաղաքական աշխարհէ. որով եւ կրօնական վարչութեան մէջ ալ ոչ սակաւ տատանումն, վարանումն եւ բռնաբարութիւն կրեց. եւ հիմայ որ շնորհիւ աւելի ազատապարգեւ քաղաքավարութեան, կրթութեան եւ գիտութեանց՝ ազգք եւ ժողովուրդք իրենց սահմանը եւ վիճակը ստուգելու եւ ճշդելու բերում մ՚ունին, իբրեւ յանծանօթ զօրութենէ եւ հարկէ դրդեալ. հիմայ եւ ազգս Հայոց՝ որ Յունաց եւ արեւմտեայց մերձաւորութեամբ՝ միշտ  արեւելից պարագլուխ մը հանդիսացեր էր, ինք զինքը կը փնտռէ կարեւոր ստիպմամբ. ոչ եւս Թորոսեանց եւ Լեւոնեանց մեքենախառն արուեստիւք, այլ միայն մտաց եւ սրտի խաղաղական եւ ավելի հզօր համոզիչ եւ յանկուցիչ հնարիւք. հիմայ՝ որ իր ապագային աւելի յստակ, մաքուր, վայելուչ եւ ապահով ճամբայ մը յարդարելու պարտք կ՚իմանայ, եւ կը լսէ խնդիր մը իր դեռածին եւ դեռ անծին սերունդներէն, ամենէն կարեւոր հարկ եւ հնարք կը ճանչնայ՝ բարոյական եւ կրոնական զգացմանց յարաբերութիւնը ներդաշնակել ուսումնական եւ քաղաքական կենաց եւ վիճակին. հպարակելով այս ետքինին (քաղաքականին) անուաշրջիկ հեղափոխութեանց պայմանին, եւ անկէց իրեն նշանակուած կայանին ՚ի սփիւռս երկրի, (ուր ՚ի մէջ մեծամեծ եւ փոքր աշխարհակալ պետութեանց բնակի եւ գաղթէ) կ՚ուզէ անաղարտ պահել կրօնից արտօնութիւնները, զոր ոչ աշխարհաւերք կրնան քանդել եւ ոչ աչխարհաշէնք փոխանակել։ Ոչ միայն իբրեւ կրօնասէր, այլ եւ ծիսասէր, հայրենասէր, բնասէր, ինքնասէր ազգ մը՝ կ՚ուզէ եւ պետք է ուզէ եւ Հայն՝ իր մեծագոյն, սրբագոյն, սեփականագոյն իրը, ոգին եւ ոգեւորիչը՝ իր Եկեղեցին, ունենալ եւ պահել. Եկեղեցի մը, ոչ անջատ եւ ինքնեակ՝ ըստ միութեան՝ ընդհանուր եկեղեցւոյ, այլ ճշմարիտ կաթողիկէ եւ առաքելական հաւատովք մի եւ նոյն, եւ միանգամայն ինքնագոյն իսկագոյն սեփականութեամբ ազգային ծիսից եւ սովորութեանց, զոր գրեթէ 16 դարք ՚ի Գրիգոր Լուսաւորչէ եւ այսր՝ արմատացուցեր, խորացուցեր, իւրացուցեր են ՚ի նմա. եւ զոր ամեն մեծոգի եւ մեծասիրտ քահանայապետք վեհագույն եկեղեցւոյ եւ ընդհանրական հովուապետք՝ սկսեալ ՚ի Ս. Սեղբեստրոսէ մինչեւ ՚ի մեր դարս, պատուած են՝ ըստ սկզբնական հրահանգաց եւ կարգի եկեղեցեաց. եւ երբ եւ կամ ուսկից եւ  որ կողմանէ որ աւելի պահանջ կամ` աւելի նահանջ եղեր է՝ ոչ միայն օգուտ չէ եղած, այլ եւ վնաս։ Հաւատք են հիմն, այլ սէրն է շէնքն եւ շինիչ, զօդիչ եւ հաստատիչ, եւ իմաստութիւնն՝ ճարտարապետ։ Շնորհալւոյ իմաստութիւնն եւ սէրն էր՝ որովք (իր ըսածին պէս, երկար ժամանակաւ սովորութիւն եւ բնութիւն դարձած ատելութիւնը՝ կրցաւ լուծել, եւ շատ ազգաց հետ կռուող եւ նուաճող Կոմենեան կայսրը նուաճեց [1]. եւ երկուց ոխերիմ ազգաց սրտերը մօտեցուց միացուց. եւ այն սիրովն գրեց առ Մանուէլ՝ միաբանութեան փափագանացը վրայօք՝ այս անմոռանալի խօսքը. «Մեր յօժարութիւն ընթացից առ այսոսիկ՝ այնքան, մինչ զի ոչ կենդանութեամբ միայն այլ եւ ՚ի գերեզմանէ՝ թէ էր հնար յառնել եւ գալ՝ ըսա Ղազարու», եւ այլն։ 

Հաւատամ, ո՜վ անձն Շնորհալի եւ հրաշալի, որ եթէ այդ հնարն յիրաւի կարելի եւ կատարելի ըլլար, եւ դու այսօր ալ քոյ շնորհօքդ Հայոց Հայրապետ ըլլայիր, ազգիդ մէջ այսքան պառակտումն եւ վարատումն չէր ըլլար, եւ շատ այլախոհ սիրտք կամ՝ միտք՝ միախոհ եւ միահաւան կ՚ըլլային քեզմով, իսկ եթէ վեհագոյն եւս աթոռոյ գահագլուխ ըլլայիր՝ ազգաց եւ լեզուաց միութեան կենդրոն կ՚ըլլայիր, եւ ընդ համակենդրոնն Քրիստոսի յօդէիր. գործով կատարելով եւ ըսածդ, թէ «Ոչ մարդկային ախտիւ անօգուտ բանակռուութեամբ եւ սնոտի յաղթասիրութեամբ, յորմէ ոչ ինչ օգտեցաւ եկեղեցի՝ այսքան երկար ժամանակաւ, այլ Հոգւոյն Աստուծոյ խորհրդակցութեամբ՝ խօսեսցին ամենեքեան վասն շինութեան հոգւոցն» [2] ։ 

Այլ ես չեմ համարձակիր՝ ոչ աստուածային տեսչութեան գաղտնեաց քննիչ կամ խորհրդակից ըլլալ, եւ ոչ քու Սրբութիւնդ աշխատեցընել՝ յերկնաւոր երանութենէդ նորէն իջնելու յերկիրս աղցաւոր, ուր՝ ե՛ւ զքո ե՛ւ զիմ տէրն զՔրիստոս ինքն ալ՝ չեմ հրաւիրեր նորէն տնօրինելու։ Այլ զկարելին եւ զկարեւոր՝ խնդրեմ քեզմէ եւ քո միջնորդութեամբդ. այս է, բանալ զաղբերս շնորհաց երկնից, որովք դու այնքան լցեալ եւ թաթաւեալ էիր եւ ես, հեղուլ զեղուլ քո երկրաւոր ազգայնոցդ վրայ. կամ մանաւանդ՝ բանալ մեր սրտերն առ աղբիւրն շնորհաց. եւ լնուլ զամեն հասակ եւ վիճակ՝ որոց պարտքերը գրեցիր եւ ցուցիր Ընդհանրական թղթովդ, իրենց յարմարագոյն շնորհոք եւ անոր՝ որոյ միայն չգրեցիր, այլ զինքդ օրինակ ցուցիր, (քու աթոռոյդ յաջորդող հայրապետի) առաւելապէս տալ ՚ի կրկին հոգւոյդ՝ իմաստութեան եւ սիրոյ, սիրոյ եւ իմաստութեան, յորս բովանդակին եւ զամենայն պէսպէս լաւութիւնք եւ շնորհք. որովք կանգնի՜ արժանաւոր Գլուխ մը Հայաստանեայց բարոյական մարմնոյն, եւ ծաւալէ յանդամին ոգի կենդանարար, ոգի միաւորական, ոգի արդիւնական։ Դու որ յետ 800 տարուան լուսաւորութեանն Հայոց ՚ի Գրիգորէ (302) արդարեւ երկրորդ Լուսաւորիչ ընծայեցար ազգիդ (ծննդեամբ ՚ի 1102), հիմայ ալ յետ 700 տարւոյ մահուանդ՝ ընծայուէ յայտնուէ նորոգող՝ ձեր երկուքիդ եւ ձեր արեանառուացդ վաստակոց եւ արդեանց, որք այնքան սիրելի եւ կարեւոր են մեզի, որքան սիրելի եւ հարկեւոր են հոգիք մեր ձեզի։

Հապա՜ եւ մեք, ո՜վ սիրելի ազգակիցք Ներսիսի, որք 44 դարէ ՚ի վեր հին նահապետի մը անուն կրեմք, եւ աւելի ստույգ հոգեւոր որդիք եմք այնպիսի հայրապետաց՝ որք ՚ի միջի հայրապետաց ամենայն ազգաց եւ աթոռոց՝ միայն կ՚անուանին Լուսաւորիչ եւ Շնորհալի մեք՝ որ այնքան պնդութեամբ կը պահեմք անոնց անունը, ավանդը եւ սէրը, ՚ի դէպ Ը. դարադարձի երկնակենցաղութեան այդպիսի աննման Հայրապետի, որ (կըրնար ըսուիլ Առաջին՝ յիւր ժամանակի, եւ ընդ առաջինս ամենայն ժամանակի) նորոգենք եւ զօրացընենք այն սէրն ու երախտիքը՝ որոյ պարտական ենք եւ պիտի ըլլան մեր յետին թոռունքն ալ։ Եթէ այս ինչ կամ այն ձիրք կամ շնորհք մը ունող անձանց՝ այնպէս շքեղ տարեդարձի եւ դարադարձի յիշատակք կը կատարուին սպէս յազգաց, եւ փոքրիկ հին յիշատակն ալ՝ նորանոր կրկնութեամբ կը մեծացընեն, ո՞րքան աւելի արժան է մեզ՝ թէ ոչ անկարելի շքեղութեամբ՝ գոնէ կարելի երախտեաց եւ սիրոյ եռանդեամբ հռչակել յիշատակ մը՝ որ միշտ մեծ է, եւ Անձ մը՝ զոր հարք մեր գերոսկի կնքով կնքեցին Շնորհալի, եւ երկինք վաւերացուցին։ Յիշենք եւ տօնենք ուրեմն այն աննման անձը, զոր թէ հնար էր՝ ամեն բարենախանձ ազգ պիտի փափագէր գնել եւ իրեն սեփականել։— Այն՝ որ ՚ի մանկութենէ իբրեւ խոհական, եւ չափահաս այր երեւեցաւ, եւ ՚ի ծերութեան՝ որպէս մանուկ հեզ եւ անմեղ: Այն որ երբեք հեշտութեամբ չծիծաղեցաւ եւ ոչ վայրապար խօսք մ՚ըսաւ, եւ միշտ զուարթադէմ էր եւ քաղցրազրոյց. Այն որ երբեք ըստ քմաց եւ կամաց բան մը չգրեց, եւ միշտ յօժար եւ յորդոր էր գրելու՝ ըստ կամաց եւ պիտոյից այլոց. Այն որ միշտ յանապատս եւ ՚ի քարանձաւս բնակէր, եւ իբրեւ յապարանս բնակող մարդավար էր եւ մարդասէր. որ ընտրէր զմիայնութիւն ընդ Աստուծոյ, եւ փութայր ՚ի ժողովս՝ յօգուտ ընկերութեան մարդկան. Որ յիսուն տարի Հայաստանեայց եկեղեցւոյ պատգամ, վարիչ ամոլ, լուսատու եւ վարդապետ եղաւ, եւ յետագայից ալ բացաւ թողուց լուսաւոր ճամբայ յիսուն տարի՝ ինչպէս իր եկեղեցւոյն այնպէս եւ ազգին դպրութեան դասագլուխ ելաւ, եւ յետնոց մինչեւ ՚ի մեզ եւ մինչեւ իսպառ՝ օրինակ հայկաբանութեան յարձակ եւ չափական գրուած։ Այն ինքն որ մեր գեղեցիկ ժամերգութեանց եւ պաշտամանց՝ գրեթէ ամբողջ երրորդ մասին հեղինակ եւ աւանդող է, եւ տեսակ տեսակ բանաւոր արուեստից մէջ՝ առաջին կամ ընդ առաջինս եղած է ազգային գրականութեան։ Այն որ ՚ի վեր քան զամենայն ճարտարս մեր եղաւ եւ կոչեցաւ Երգեցողն, եւ աւելի քան յերկրաւորացս՝ անշուշտ այնպէս ճանաչուի արդ յերկնաւորաց. վասն զի իր մաքուր սիրտն աւելի վսեմական եւ զմայլական քնար մ՚ալ ունէր. քնար կուսական, որով ընդ բիւրաւոր զարմանալի քնարահարացն զորս տեսաւ եւ լսեց Յայտնութեան Տեսողն՝ շուրջ զաթոռով երկնայինն Սիօնի, որք «երգէին զերգս եւ ոչ ոք կարէ գիտել զերգս նոցա». այլ եւ դեռ հիմայ ալ որպէս հաւ զուարթուն փափուկ վանկերով եւ անոյշ նուագներով՝ կարթընցընէ մեր հոգեսէրները, ՚ի մէջ գիշերի յարուցեալ առ Աստուած թընդացընել սրտերնին։ Նա ինքն է որ ՚ի գարնան ժամանակի կենաց մեր նորահաս հարս ու փեսայից սիրախայծ սրտերը` իր «Սիօնի որդի՜ք, զարթիք» երգովը՝ կ՚ուղարկէ յուրախութենէ յուրախութիւն եւ Նա ինքն յաշնայնի ժամանակաց՝ ամեն հասակէ հնձեալ հասակաց վրայ՝ իր Հանգստեան շարականները հնչեցընելով՝ զիջանի ցաւագնի նմանի իմն 

«Նստեալ կանանցն իւղաբերից

Եւ ողբալով արտասուալից».

եւ մերթ հեզիկ մնչելով մաղթէ

«Ողորմեա քո ստեղծուածոյս,

Յուսով ՚ի քեզ նընջեցելոյս»

մերթ համարձակի արդարութեան սոսկալի սուրն ալ դադրեցընել, ազդելով

«Արդարութեամբ մի՛ դատեսցես

Այլ գըթութեամբ քո քաւեսցես»։ 

Ո՜վ քնքոյշ քնար որորանաց, սրբիչ սրսկապանաց եւ հսկող հովանի գերեզմանաց Հայոց։

Ընծայենք արժանաւոր պսակ մը մեր ամենարժեայ Հայրապետին, աւելի քան զոսկեղէնն եւ զականակապ. ընծայենք նմա շնորհակալ եւ չնորհափայլ սրտեր։ Նմանութիւնն է ճշմարիտ յարգ եւ սէր որդւոց առ ծնօղս։ Այլ ո՞ համարձակի նմանիլ աննմանն Ներսիսի։ Յուսամ թէ իւրաքանչիւր անձն ջանալով իր չափուն եւ վիճակին յարմարագոյն շնորհքը ստանալ, կըրնանք ամենքս միաբան եւ միաջան յիրար բոլորեալ ազգովիմբ՝ ըլլալ իբրեւ ՚ի զանազան ծաղկանց համախուռն պսակ մի շնորհազարդ. եւ նուիրիլ քեզի՝ նախօրինակիդ մերոյ, ո՜վ հրաշազարդ եւ անուշակ հայր մեր ՇՆՈՐՀԱԼԻ։ 

 

-----------------------------------------------



[1] «Որ եւ զձեր թագաւորութիւնդ նուաճեաց ՚ի հաւանութիւն, աստուածիմաստ գիտութեամբն, յոր առ մեզ «ուղղափառութեանս». գրէր Գրիգոր Տղայ առ Մանուէլ կայսր։ 

[2] Թուղթ առ Միքայէլ պատրիարք Կոստանդինուպօլսի։