ԻԹ.
Մահ
Շնորհալւոյ.
-
Գերեզման.
-
Համբաւ։
Ներսիսի
Շնորհալւոյ
կեանքն
կըրնայ
ըսուիլ
միօրինակ
շարք
մը
պատուական
գործոց,
միանգամայն
եւ
անընդհատ
աշխատութեանց`
իր
խանձարուրքն
ու
գերեզմանն
ալ
իբրեւ
անզբաղ
միայնութեան
գործարանաց
մէջ
դրուած.
եւ
ինքն
անխոնջ
արուեստաւոր
եկեղեցւոյ
եւ
դպրութեանց,
պաշտօնեայ
Աստուծոյ
եւ
դաստիարակ
ազգի
Հայոց,
օգնական
եւ
բարերար
մարդկութեան.
որոց
ամենուն
ալ
շատ
գեղեցիկ
վաստակներ
ընծայեց,
եւ
ամենէն
գեղեցիկ
ու
թանկ
վարք
մը,
լի
եւ
զեղուն
բարեօք,
հաճոյ
երկնից
եւ
երկրի.
որոց
երկուքին
համար
ալ
վաղուց
հասուն
եւ
սիրուն
էր։
Այսպիսի
անձանց
համար՝
որք
սովորականէ
շատ
վեր
կեանք
մը
կ՚անցընեն,
եթէ
պակաս
բան
մը
կայ՝
կրնանք
ըսել,
կենաց
շրջանին
ալ
անսովոր
չըլլալն,
այլ
ամեն
ադամորդւոց
նման
վախճան
ունենալն
է։
Հարկ
է
մեզի
սրտերնուս
փափագը
կամ
պահանջմունքը
խոնարհեցընել
ամենախնամ
տեսչութեան
վճռոյն,
որ
է
տէր
կենաց
եւ
մահու.
եւ
իր
յաւիտենական
գեղեցկութեան
ճառագայթները՝
այսպիսի
ընտիր
հոգւոց
վրայ
փայլակի
մը
պէս
ցոլացընելով՝
՚ի
զմայլումն
եւ
՚ի
վայելս
աշխարհի՝
դարձեալ
կ՚ամփոփէ
իր
աննուազ
լուսոյն
վառարանին
մէջ։
Դեռ
բաղդաոր
պէտք
է
համարինք
զմեզ
եւ
մեր
ազգը՝
որուն
համար
71
տարի
երկարեցաւ
կեանք
մը,
որ
այնպիսի
անձին
մարնոյն
փափկութեան,
աշխատանաց,
ճգանց,
հnգոց,
տքնութեանց
եւ
հիւանդութեանց
համար՝
կըրնար
բնապէս
աւելի
կարճ
ալ
ըլլալ.
կամ
իր
անդադար
սովորութեամբ
ժուժկալութիւնն,
աշխատութիւնն
եւ
հեզութիւնն
էր՝
որ
այնքան
դի
մացուց
զայն,
կամ
մասնաւոր
շնորհք
մ՚ալ
էր։
Յիշեցինք
իր
երբեմն
հիւանդանալը
եւ
տկարութիւնը,
եւ
ալեւորութիւնն՝
իր
եղբօրը
կենդանութեանն
ատենէն,
զոր
եւ
ինքն
Ներսէս
իր
զանազան
գրուածոց
մէջ
յիշէ.
նոյնպէս
եւ
իր
թոռան
Լամբրոնացւոյ
վկայութիւնն
կ՚իմացընէ
որ
զատ
՚ի
պարբերական
ջերմէն՝
ունէր
տկարութիւն
մը,
գուցէ
այն
ալ
տօթէն
պատճառեալ,
որ
հասակին
ծերութեամբ
աւելի
զօրացաւ,
եւ
շատ
տարիներ
կամաւ
աշխատած
եւ
յօգնած
մարմինը՝
աւելի
յօգնեցուց
եւ
տառապեցուց.
իսկ
«Նա
գոհութեամբ
զայս
ընկալեալ,
Զոր
պատուական
իւր
համարեալ,
Փրկչին
հաղորդ
վշտօք
եղեալ»։
Տկարութիւնք,
աշխատանք,
հոգք
եւ
վիշտք՝
սովորական
եւ
անսովոր
կերպով
ալ
շատցան
եւ
ծանրացան
պատուական
կենաց
վերջի
տարին.
թուի
թէ
եւ
ետքի
ձմեռն
եղաւ
այն
սաստիկ
ձմեռն՝
յորում
այն
տաք
կողմերն
անգամ
շատ
կանգուն
ձիւնն
դիզացաւ.
իսկ
անոր
վերջերը
եւ
՚ի
սկիզբն
գարնան
1173
տարւոյ
եղաւ
ԹԷորիանեայ
երկրորդ
գալուստն,
վիճաբանութիւնն,
գաղտ
նամակագրութեան
յայտնուիլն՝
որոյ
համար
ինն
օր
հիւանդացաւ
փափկասիրտ
հեղինակն.
յետ
այնր
հանդիպեցան
Յուսիկեանց
դէպքն
եւ
թերեւս
միւս
ժպիրհ
անձին
կծու
գրուածքն.
Հեռուէն
ալ
Մլեհի
անօրէնութիւնք,
եւ
թերեւս
անոր
չարաճըճիկ
խորամանկութեամբ՝
եղբօրորդւոյն
Ռուբէն
մանկան
մահն՝
՚ի
Հռոմկլայ.
աշխատութիւնք
պատրաստութեան
ազգային
ընդհանուր
ժողովը`
Յունաց
միաբանութեան
խնդրոյն
համար,
եւ
գուցէ
անոր
համար
ոմանց
եպիսկոպոսաց
եւ
վանահարց
տարաձայնութեան
կասկած։
Այս
ամեն
բաներն,
կամ
ոմանք
ասոնցմէ՝
արդէն
մաշած
մարմնոյն
կազմուածքը
աւելի
ցնցեցին.
յառաջ
քան
զայլս
զգաց
ինքն
Շնորհալին,
որ
ա՛լ
ժամանակ
է
կատարեալ
չնորհաց
ծովը
թափուելու.
եւ
իր
ծածուկ
փափագը՝
ընդ
Առաքելոյն՝
ելանելոյ
՚ի
մարմնոյն
եւ
մտանելոյ
առ
Աստուած՝
չկարցաւ
ծածկել.
սիրտն
չսպասելով
ալ
օրհասին՝
արդէն
իբրեւ
մարմնոյ
եւ
աշխարհի
բեռը
թօթափած՝
կը
ճխար,
եւ
կ՚ուրախանար
քիչ
ատենէն
հասնելու
այն
կիտին՝
որոյ
համար
քիչ
մարդ
իրեն
պէս
կանուխ
սկսեր
էր
հոգալ
եւ
բաղձալ։
«
Հոգին
սիրոյ
հուրըն
վառեալ,
Շուրջանակի
արտափայլեալ.
Որոյ
մարմին
ոչ
հանդուրժեալ,
Յանորակէն
նիւթըն
կիզեալ»։
Ի
վերայ
այսր
ամենայնի
գրեթէ
ինչուան
վերջի
օրերն
ալ
իր
սովորական
ճգնութիւնը,
անքնութիւնը
եւ
աշխատանքը
չդադրեցուց,
թողլով
որ
բնութիւնն
ինքնին
պահանջէ
իր
հարկը։
Հասաւ
ամառն,
իրեն
համար
դժնդակ
եղանակն.
հասաւ
իր
սովորական
այցելու
տենդն
ալ
զոր
ամենայն
ճարտարութեամբ
եւ
գիտութեամբ
ալ
չկարցան
բժշկել
իր
աստեղագէտ
եւ
բնագէտ
բարեկամ
բժշկապետն
Մխիթար
կամ
նմանիք.
գործարանաց
մշտաշարժ
ժիրաժիր
անիւներն
երկար
ատեն
գայթ
՚ի
գայթ
եւ
անգործ
չկեցան,
այլ
աշխատելէ
դադրելնուն
մէջ`
քիչ
օր
անցաւ.
ջերմին
սաստկությունն
որ
ներսէն
կը
մաշէր
զմեքենայն՝
դրսէն
դեռ
աշխոյժ
եւ
փայլմունք
մը
կու
տար,
որ
հոգւոյն
եռանդեան
փայլմանը
հետ
խառնուելով՝
կը
խաբէր
զտեսողս,
եւ
դեռ
փափագելի
յոյսեր
կու
տար.
մինչ
օրհասն
արդէն
՚ի
դուռն
հասեր
էր,
եւ
շուտով
վճարեց
իր
գործը:
Շնորհալի
իր
վերջի
աւանդներն
եւ
փափագները
ատենին
յայտներ
էր,
որոց
մէջ
կ՚ըսուի
թէ
եւ
իրեն
յաջորդ
իր
մեծ
եղբօր
որդին
Գրիգոր
Տղայն
ցուցեր
էր.
որ
իր
վերջին
ժամերուն
հօն
չգտուեցաւ,
այլ
Գրիգոր
Ապիրատն,
հաւանօրէն
եւ
Լամբրոնացին
եւ
այլ
շատ
եկեղեցականք,
եւ
բոլոր
Հռոմկլայի
պահապանք
եւ
սպասաւորք
հայրապետանոցին.
որոց
ամենեցուն
իր
հրաժարականը
եւ
օրհնութիւնը
տալէն
ետեւ,
հեռաւորներն
ալ
յիշեց,
եւ
բոլոր
ազգն
ու
աշխարհն
ալ
օրհնեց
[1]
։
Յետոյ
հանդարտ
դիմօք
եւ
խղճիւ
խոստովանելով՝
որ
միշտ
ջանացեր
էր
Աստուծոյ
կամաց
հաճոյն
կատարել,
որով
եւ
յուսար
անոր
խոստացեալ
բարիքն
ընդունիլ,
արժանի
իր
կենացն
եւ
կոչման՝
շնորհօք
աւանդեց
իր
Ստեղծողին՝
բազմապատկեալ
քանքարով
ազնուացեալ
հոգին.
յետ
եօթն
տարի
եւ
երեք
ամիս
եւ
կէս
Հայոց
հայրապետութեան,
՚ի
սկիզբն
նախընթաց
ութօրէից
տօնի
Վերափոխման
Տիրամօրն,
յութ
օգոստոսի
[2],
հինգշաբթի
օր
մը ,
յամին
1173,
իբրեւ
7
տարի
երկրիս
վրայ
պանդըխտելով,
գրեթէ
Հաւասար
իր
աթոռակից
եղբօրը
[3]
։
Որ
աստիճան
մեծ
կսկիծ
ունեցան
իր
ականատես
եւ
ձեռնասուն
եւ
իրաճանաչ
մերձաւորքն,
կամ
ի՛նչ
ձայն
գուժի
հնչեց
այնպիսի
անձէ
զըրկման
համար,
կըրնանք
գուշակել
անոր
արձագանգէն՝
որ
հնչեց
յարքունիս
Կոստանդինուպօլսի՝
երբ
հասաւ
հօն
համբան,
եւ
տխրեցուց
զամենքն՝
որ
պարզ
սրտիւ
փափագէին
Հայոց
եկեղեցւոյն
միաբանութեան.
եւ
ոչ
է
մակամտածութիւն
մը
Մանուէլ
կայսեր
հառաչանօք
ըսելն,
թէ
«Մեծ
զգայարան
եւ
արթուն
բարձաւ
այսօր
յեկեղեցւոյ
Աստուծոյ.
զրկեցան
Հայաստանեայք
յերկրորդ
Լուսաւորչէն
իւրեանց։
Ո՜վ
երանելի
հայրապետ,
զիա՞րդ
զիմս
փափագ
անկատար
թողեալ՝
ժամանեցեր
առ
Քրիստոս.
սակայն
մեք
զարժանի
յիշատակի
անուն
քո
ընդ
առաջին
սրբոցն
դասակարգեմք,
տօնախմբելով
ուրախութեամբ
՚ի
Քրիստոս։
Եւ
պատուէր
հրամանի
ետ
՚ի
թագաւորական
քաղաքին
եկեղեցիսն՝
յիշատակել
զնա
ընդ
առաջին
սուրբսն
տօնախմբութեամբ»։
Ոչ
յետնեցան
եւ
հարազատ
որդիք
անհամեմատո
հօրն՝
պատշաճ
պատիւն
եւ
պաշտօն
ընծայելու,
թէ՛
իր
հոգւոյն
եւ
թէ՛
պատմագրին
գեղեցիկ
ազատութեամբ
կոչած՝
հոգիացեալ
մարմնոյն
։
Գրիգոր
Ապիրատ՝
որ
հօրեղբօրը
վախճանելէն
անմիջապէս
ետքը՝
ներկայ
գտուողներէն
Տեղապահ
անուանեցաւ,
եւ
յոմանց
նաեւ
կաթողիկոս,
առաջին
պաշտօնը
կատարել
տուաւ,
որ
էր
այն
պարկեշտ
նշխարաց
զմռսելն
եւ
զարդարելն՝
շուտով
հասաւ
եւ
Գրիգոր
Տղայ,
ճամբուն
վրայ
նախ
աշխարհoրէն
ընդունելով
յաջորդութեան
ապահովութիւնը,
միջնորդութեամբ
իր
փեսային՝
[4]
Մլեհի՝
առ
Նուրէտտին
[5],
կամ
յաջորդ
նորա,
որ
ինքնին
ճամբու
վրայ
գտնուելով՝
ողջունեց
զԳրիգոր
իբրեւ
կաթողիկոս
Հայոց,
Հիանալով
անոր
ահեղագեղ
կերպարանաց,
հասակին
եւ
վարման
վրայ։
Արդ
սա
կատարեց
յուղարկաւորութեան
հանդէսը`
բազմութեամբ
եպիսկոպոսաց,
վարդապետաց,
վանականաց
եւ
անթիւ
ժողովրդեան,
եւ
պատուաւոր
տեղ
մը
հանգուց,
ինչուան
որ
աւելի
պատուաւոր
դիրք
մը
պատրաստէ։
Զսա
եւ
զինքն
յիշելով՝
Լամբրոնացին՝
իբրեւ
ընդ
Հանգուցելոյն
խօսելով՝
այսպէս
նկարագրէ
թաղման
պաշտօնը.
«
Գլուխս
[6]
յաթոռըն
քո
նըման,
Որդիս՝
ժառանգ
հօրըդ
փոխան,
Առեալ
զանդամքըս
միաբան՝
Կայ
առաջի
քո
ողբական.
Եւ
բեմականքըս
պաշտաման
Կարգեալք
՚ի
կարգ
եւ
յաստիճան՝
Հանդիսանամք
յօր
քո
նընջման.
Տօն
կատարեմք
ուրախութեան,
Պլատուեմք
ըզսուրբ
այս
դամբարան,
Փառազարդեալ
երկնանըման։
Աստեղքըս
քեւ
կարգեալ
շրջան՝
Զայս
բորբոքեալ
ջահքս
որ
շողան,
Աման
՚ի
ձեռս
առեալ
բուրման՝
Քեզ
խնկարկեն
ամենեքեան.
Առեալ
ակումբ
զերգս
օրհնութեան՝
Նոր
եղանակ
փոխեն
հնչման
Տեառըն
մերոյ
սրբոյ
դարան,
Տաճար
աթոռ
եւ
օթարան,
Եկեղեցւոյ
մեծ
զգայարան,
Երեսք
արթուն
աննիրհական.
Ճըրագ
դըպրին
դու
գործարան,
Ճոռոմ
լեզու
եւ
ճարտասան.
Սըփռեալ
շընորհք
ընդհանրական,
Որով
օրհնի
միշտ
յաւիտեան»։
Այս
խօսքերէն
գուշակուի՝
որ
Գրիգոր
Տղայ
գլուխ
ողբերգական
պարահանդիսին՝
առթին
պատշաճ
դամբանական
ճառ
մ՚ալ
արտասանած
է,
եւ
շատերն
ալ
պատուած
պիտի
ըլլան
իրենց
նոր
Լուսաւորչին
յիշատակը՝
պէսպէս
ներբողիւք
եւ
գովասացութեամբ։
յորոց
միայն
Լամբրոնացւոյ
քերդրողական
գովեստն
կամ
պատմութիւնն
մեզի
հասեր
է.
ասկէ՝
եւ
Միաբանութեան
թղթոց
Պատճառէն
եւ
ուրիշ
աղբիւրներէ
առնըլով՝
յետ
67
կամ
77
տարու
մահուան
Շնորհալւոյ՝
վարդապետ
մը
(որ
անունը
ծածկած
է)
՚ի
խնդրոյ
Յովհաննէս
վարդապետի
մը,
Ա
Հեթմոյ
թագաւորութեան
ատեն
վայելուչ
ոճով
համառօտ
պատմութիւն
մը
յօրիներ
է
վարուց
Երանելւոյն,
սկսանելով
Գրիգոր
Մագիստրոսի
յիշատակէն,
եւ
սա
է
մեր
շատ
հեղ
յիշած
Պատմիչն
[7]
։
Յաջորդն
Շնորհալւոյ՝
իր
աւագ
եղբօր
որդին
Գրիգոր
Տղայ,
որ
եւ
յատկապէս
Պահլաւունի
մականուանի,
զոր
ժամանակակիցք
եւ
հետեւողք
շատ
գովեն՝
թէ՛
գիտութեանն
եւ
թէ՛
վեհափայլ
կերպերուն
համար.
եւ
որոյ
մնացեալ
գրուածքն
ալ
վկայեն
իր
կորովի
բնութեան
եւ
խօսուածքին,
ինչպէս
ամենայնի
իշխանակերպ
եւ
ճոխ
էր,
այսպէս
եւ
ավելի
իմն
մեծութեամբ
եւ
սիրով
ուզեց
մեծարել
իր
սքանչելի
հօրեղբարց
յիշատակը,
որոց
երկուքին
ալ
հաւասար
ձեռնադրութեամբ
քահանայ
եւ
եպիսկոպոս
օծուած
էր.
անոնց
հետ՝
մեծ
պապուն՝
Գրիգորի
Վկայասիրի՝
յիշատակն
ալ
միացուց.
բերել
տալով
մարմինը
՚ի
Ծովք
դղեկէն,
եւ
երեքինն
ալ
հանդիսապէս
տեղաւորելով
՚ի
հիման
նորագիծ
յատակի,
եւ
վրան
կանգնելով
մեծապայծառ
եկեղեցի
մը
՚ի
Հռոմկլայ.
յանուն
Ս.
Գրիգոր
Լուսաւորչին,
Ս.
Ներսիսի
դամբանին
վրայ
ալ
շարեց
այն
աստեղանման
ջահերը՝
զոր
յիշեց
Լամբրոնացին։
Յետ
առման
եւ
աւերման
Հռոմկլայի
յԵգիպտացւոց
(1292),
կամ
թէ
եւ
յառաջագոյն
իսկ՝
առանձին
եկեղեցի
մ՚ալ
շինուեցաւ
այն
քարանձավին
գագաթը՝
ուր
տօթահար
տատրակի
նման
քաղցրիկ
մնչմամբ
22
տարի
կը
գանգատէր
Շնորհալին,
եւ
անոր
ներքեւ
ամփոփեցան
իր
մաքուր
մարմնոյն
նշխարքն.
թէպէտ
եւ
եկեղեցին՝
այլակրօնից
բռնութեամբ
անշքացաւ
եւ
ամայացաւ,
այլ
մինչեւ
ցարդ
մաքրունակ
գերեզմանն
իբրեւ
մեծ
ուխտատեղի
պատուի
յազգայնոց
եւ
այլազգեաց,
նաեւ
՚ի
մահմետականաց.
եւ
այնքան
հռչակեալ
է
Սուրբն
այն
կողմերը՝
ուր
զգալապէս
իմն
իր
շնորհաց
ճառագայթները
սփռեր
էր,
մինչեւ
այլակրօնք
անգամ
յանուն
նորա
կ՚երդնուն։
Այլ
համբաւ
եւ
հռչակ
Շնորհալւոյն՝
հրաշակերտ
տաճարէն
աւելի
շուտ
կանգնեցաւ
եւ
աւելի
անաղարտ
մնաց.
եւ
գուցէ
Գրիգոր
Լուսաւորչէն
ետեւ
չէ
եղած
մէկն
մեր
ազգին
մէջ՝
որ
այնպէս
սրբութեան
համբաւով
պատուի՝
դեռ
կենդանութեանն
իսկ
ատեն,
եւ
այն
ինչ
վախճանած,
եւ
յետոյ՝
դարուց
՚ի
դար։
Լսեցինք
ժամանակակցաց՝
Մանուէլի
եւ
Միխայէլի՝
զարմացքն
եւ
վկայութիւնքը,
Լամբրոնացւոյ
եւ
Գրիգորեանց
գովեստն
եւ
սուգը.
անոնցմէ
սկսեալ
ամեն
յետագայ
ժամանակագիրք
եւ
պատմիչք՝
պէսպէս
բառերով
եւ
խօսքերով՝
այլ
նման
իմաստներով՝
մեծարեն
զնա,
քան
զայլ
ամենայն
հայրապետս՝
հեռաւորս
եւ
մերձաւորս
ժամանակաւ.
եւ
կան
ժամանակագրութիւնք
կամ
տարեգրութիւնք
համառօտք՝
յորս
միայն
Շնորհալւոյ
վախճանն
յիշուի՝
իբրեւ
մեծանշան
դէպք
մը։
Կաթողիկոսաց
Գաւազանագիրք
ալ՝
երբ
ասոր
կարգն
գայ՝
չեն
կրնար
առանց
գովական
եւ
սրբական
մակդրի
մը
անցնիլ.
եւ
հասարակօրէն
միաբան
կոչեն
զսա՝
Բ
Լուսաւորիչ,
Տիեզերալոյս,
կամ
տիեզերական
վարդապետ.
եւ
ըստ
վարուցն
սրբութեան՝
Համահրեշտակ
։
Դեռ
իր
կենդանութեան
ատեն
գրող
յիշատակագիր
մը
կ՚անուանէ
զնա
Սուրբ,
ամբիծ
եւ
մեծ
արհիեպիսկոպոս,
հռետոր
եւ
իմաստասէր
։
Իրեն
ականատես
եւ
երբեմն
կենակից՝
եւ
անոր
մահուանէն
քիչ
վերջը
իր
ժամանակագրութիւնը
կնքողն
Սամուէլ
Անեցի՝
կը
նշանակէ
իր
մեկենասին՝
Գրիգորիսի
մահը
ըսելով,
«վախճանի
Տէր
Գրիգորիս,
եւ
յաջորդէ
Տէր
Ներսէս».
իսկ
ասոր
համար
կ՚ըսէ
«Փոխի
մահուամբ
՚ի
կարգս
հրեշտակաց
Սուրբ
Ներսէս»:
-
Միաբանութեան
Պատմիչն.
«Երանելի
Հայրս
՚ի
նուազեալս
ժամանակի՝
յորժամ
ձմեռն
մեղաց
տիրէր
՚ի
վերայ
աշխարհիս,
եւ
մէգ
թշուառութեան
պաշարէր
զմեզ՝
սրոյ
եւ
գերութեան
երեւեցաւ
ջահաւորեալ
վարդապետութեամբ
եւ
լուսակրօն
վարուք,
եւ
փարատեաց
յաշխարհԷ
զմրրիկ
մեղացն,
եւ
վերստին
կանաչացոյց
զմեզ
՚ի
ձմեռնային
մեռելութենէն`
յաճումն
հոգեւոր
չափու
հասակի
կատարմանն
Քրիստոսի»։
—
Հիւսիսային
վարդապետքն
եւ
եպիսկոպոսունք
քանի
մը
տարի
վերջը
առ
Գրիգոր
Տղայ
գրած
թղթերնուն
մէջ
կ՚ըսեն
խնդրոյ
մը
համար.
«Զայս
համառօտիւ
յայտնեալ
է
Սրբոյ
Նախնւոյն
ձերոյ
Տեառն
Ներսէսի»:
-
Կիրակոս
Պատմիչ
որ
աւելի
արեւելեան
Հայոց
պատմութիւնը
կը
գրէր՝
իբրեւ
դար
մը
յետ
Սրբոյն,
միայն
ասոր
վրայ
կը
դառնայ
յարեւմուտս
քիչ
մը
երկար
խօսելու,
եւ
կ՚ըսէ.
«Այս
Ներսէս
առաւելեալ
էր
իմաստութեամբ
քան
զյոլովս
՚ի
ժամանակի
անդ,
ոչ
միայն
քան
զՀայոց
վարդապետս՝
այլ
քան
զՅունաց
եւ
զԱսորւոց.
այնքան՝
մինչ
զի
համբաւ
իմաստութեան
նորա
տարածեցաւ
ընդ
ամենայն
ազգս.
եւ
իմաստասէր
ոմն
Կոստանդնուպօլսու՝
անուն
ԹԷորիանէ
…
եգիտ
զնա
անփորձ
ամենայնիւ,
այլեւ
առլցեալ
Հոգւով
սրբով
…
ասէր.
Որպէս
լուաք՝
սոյնպէս
եւ
տեսաք.
զի
նոր
ոմն
Գրիգոր
Աստուածաբան
յարուցեալ
է
եւ
զարմացուցանէր
զամենեսեան
վասն
նորա։
…
Եւ
այսպէս
բարիոք
կարգաւորութեամբ
փոխեցաւ
առ
Քրիստոս՝
յոյսն
ամենեցուն,
ցանկալի
եւ
երանելի
մահուամբ»։
—
Յովհանէս
Երզնկացի՝
որ
շարունակեց
Շնորհալւոյ
Մատթէի
մեկնութիւնը,
հանդերձ
այլովք
կ՚ըսէ.
«Գերապատիւ
եւ
գերահռչակ
հայրն
մեր
ըստ
հոգւոյ
եւ
երկրորդ
Լուսաւորիչն
սուրբ
եկեղեցւոյ,
՚ի
զարմէ
եւ
՚ի
շնորհէ
սրբոյն
Գրիգորի
փայլեալ,
կորովամիտ
եւ
համեղաբան
կաթողիկոսն
Հայոց»,
եւ
այլն
։
—
Մխիթար
Այրիվանեցի
ժամանակագիրն.
«Տէր
«Ներսէս
կաթողիկոս՝
փայլեալ
յաշխարհի
ամենայն
առաքինութեամբք
եւ
գիտութեամբ»։
Ասոնց
ժամանակակից
խոհական
յիշատակագիր
մ՚ալ
(յամի
1285)
մեր
Հայաստանեայց
եկեղեցւոյ
աստուածապարգեւ
այցելուները
կը
յիշէ,
Լուսաւորիչ,
Մեծ
Ս.
Սահակ,
եւ
ասկէ
ետեւ՝
«Ի
վախճան
ժամանակաց,
եւ
՚ի
վերջինս
դարու,
յանբարի
եւ
՚ի
նուազեալ
ժամանակիս՝
իբր
՚ի
դրունս
ձմերայնոյ
՚ի
լսնացեալ
ճուռ
կամ
ողկոյզ
ինչ
զարմանալի՝
փայլեաց
եւ
երեւեցաւ
՚ի
զարմէ
եւ
՚ի
ցեղէ
ընտրութեան
մեծի
Լուսաւորչին,
համեմատ
առաջնոյն՝
Երկրորդ
գերամաքուրն
Ներսէս,
որ
զհայրենին
յաջորդեաց
գահ,
եւ
աթոռ
հայրապետութեան
՚ի
Կլայն
Հռոմական,
եւ
զամենայն
նորոգեաց
ըստ
նախնի
հարցն
բարեզարդութեան՝
զառ
՚ի
զանազան
թշուառութեանցն
աղաւաղեալ
եկեղեցւոյս
կարգս»։
—
Ուրիշ
ժամանակակից
գաւազանագիր
մ՚ալ.
«Տէր
Ներսէս
տիեզերական
վարդապետ,
որ
եւ
բազում
երգս
յօրինեաց
՚ի
Հայս,
եւ
այլ
բազում
ուղղութիւնս
յեկեղեցիս
Աստուծոյ
[8]
։-
Ասոնց
մերձաւոր
Սմբատ
Պատմիչ
(+1276).
«Ի
թուին
ՈւԲ,
Սուրբ
Լուսաւորիչն
տէր
Ներսէս
Կլայեցին`
փոխեցաւ
առ
Քրիստոս»:
—
Յայսմաւուրք
ալ
պէսպէս
ասացուածով
կը
բացատրեն
Ներսիսի
գերազանցութիւնը,
յորոց
մէկն
զամենն
ամփո
փելով
ճշմարտաբանէ:
«
Ոչ
ոք
յառաջնոց
հայրապետացն
գտաւ
նման
նմա,
եւ
ոչ
յետ
նորա
մինչեւ
՚ի
ժամանակս
մեր
»։
—
Գուցէ
աւելի
մեծ
եւ
խոր
իմաստով
եւ
նմանութեամբ՝
վարուց
Պատմիչն՝
անոր
բազմապատիկ
շնորհաց
ձիրքը
գեղեցկապէս
նմանցընէ
կենդանաշարժ
ծովու
մը,
որոյ
ալիքն
անկարoտ
ուրիշ
սահմանի՝
իր
ընդարձակութեան
մէջ
կը
ծըփծըփան.
«Լցեալ
անթերի
լրմամբ
չնորհաց
Հոգւոյն
սրբոյ,
իբրեւ
զծով
համատարած
ինքն
առ
ինքեան
ծփար
միշտ»։
Կըրնամք
աւելցընել,
թէ
հիմայ
ծովն
ինքնին
վերացեալ
խառնեալ
յանծայրածաւալ
ովկէան
աստուածութեան՝
յաւիտենական
սիրոյ
շնչմամբ
եւ
շարժմամբ
խաղայ
եւ
խնդայ
անվախճան
եւ
անխռով
ծփանօք:
Կըրնայ
թերեւս
եւ
ինքն
Յաւիտենականն
ալ
ըսել
անոր
ըսածը՝
փոխաբերութեամբ.
«Ծովն
՚ի
միջի
իմ
ծածանի
Քաղցրիկ
ալեօքըն
ծիծաղի»։
Այս
հոգեշարժ
զարմանալի
ծովուս
լոկ
ցայտուկքն
են՝
ինչ
որ
՚ի
վկայութենէ
պատմըչաց
եւ
՚ի
գրութենէ
Շնորհալւոյ՝
հասած
են
մեզ
յիշատակք,
որով
ջանացինք
զինքը
ճանչնալ
եւ
ճանչցընել։—
Դո՜յզն
եւ
սակաւ
մնացուածք
այնքան
մեծի
ծովու։
Սակայն
եւ
այն
սակաւ
յիշատակաց
եւ
գըրուածոց
մէջ՝
ո՜րքան
շնորհք
եւ
ո՛րքան
զանազան
շնորհք,
երփն
երփն
փայլմունք
հանճարոյ,
թռիչք
մտաց
եւ
սրտի
եւ
ազնուութիւն
արտադրութեան։
Այսքան
զանազան
եւ
այսքան
գեղեցիկ
գրութեանցը
վրայ
սքանչանալով
քաջ
հայագէտ
Փռանկ
վարդապետ
մը`
մեզմէ
դար
եւ
կէս
յառաջ,
յետ
գովելոյ
զբանաստեղծութիւն
եւ
զքերդողութիւն
նորա,
կը
գոչէ.
«
Բայց
կա՞յ
տեսակ
մը
հմտութեան՝
յորում
յաջողած
չըլլայ
այս
հռչակաւոր
Հայրապետս»
[9]
։
Ի
խորին
խորհրդոց
աստուածաբանութեան՝
մինչեւ
՚ի
հանելուկս
ռամկականս՝
գրած
է
եւ
երգած,
եւ
ամենքն
ալ
իրենց
տեսակին
մէջ՝
հեղինակին
շնորհքն
ունին,
ամենքն
ալ
ճարտարի
գործ.
ամենքն
ալ
օծեալ
սեփական
անուշահոտ
կակուղ
օծմամբ։
Ըստ
այսմ
եւ
իր
մարմնական
հանգամանքն,
իբրեւ
չափով
եւ
կշռով
ամեն
շարժուածքն,
ժպիտն,
մատանց
շարժագրութիւնն,
խօսից
կերպն,
ձայնն
ներդաշնակ,
երգն
քաղցրեղանակ,
հայուածքն
սրտաբաց
եւ
հանգուցիչ,
եւ
շունչն
իսկ
թարգման
հոգւոյն
հեզութեան,
որպէս
սիւգ
նազելի
՚ի
հանդարտութեան
գարնանային
աւուր։
Ըստ
այսմ
եւ
իր
հոգեկան
բազմապատիկ
առաքինութիւնքն,
իր
սեփական
շնորհքն՝
յամենայնի
հարթ
հաւասար
չափաւորութիւն
մը,
թէ
եւ
սովորական
չափերէ
վեր,
նմանողութիւն
մը
միշտ
ինքն
իրեն,
եւ
անվրդով
խաղաղութիւն
մը
ըստ
Հոգւոյն
Աստուծոյ.
յորմէ՝
իբրեւ
փայլատակեալ
ճառագայթ
մը՝
կատարելով
յերկրի
իր
անաղտ
եւ
անաղարտելի
շրջանը՝
սլացաւ
դարձաւ
յարփիասկիզբն
վառարանն
աստուածութեան.
յորում
վայելէ
զփոխարէն
այնքան
արդեանցն
եւ
արժանեաց։
[1]
«Նաեւ
զաշխարհս
յայնժամ
օրհնեալ
Այս
նահապետըս
մեծարեալ.
Զխաղաղութիւն
վերջին
տըւեալ
Որդւոցն,
յորոց
վերասլացեալ»։
[2]
Լամբրոնացին
իր
ոտանաւոր
ներբողին
մէջ
եւ
ուրիշ
ոմանք
օգոստոսի
5-ին
կ՚ըսեն
զմահ
Շնորհալւոյ.
ասոր
վարքը
գրողն,
Միաբանութեան
թղթոց
պատճառն,
Հեթում
պատմիչ.
յ՚13
օգոստ.,
Միխայէլ
ասորի
եւ
հին
Յայսմաւուրք՝
յ՚8
օգոստ.
եւ
այս
է
ստոյգն.
վասն
զի
ամենքն
ալ
կը
միաբանին
Հինգշաբթի
օր
ըսելով
մահը,
եւ
միայն
օգոստոսի
ութին
կը
հանդիպի
հինգշաբթին՝
այն
տարին,
1173:
[3]
Գրիգորիս
ծնած
էր
հաւանօրէն
յամի
1095,
եւ
մեռաւ
՚ի
1166,
յուլիս
կամ
օգոստոս
ամսուն.
այս
ամառնային
ամսոյս
մէջ
վախճանեցան
Շնորհալին
ալ,
Մեծ
Վկայասէրն
ալ,
Ս.
Բեռնարդոս
ալ,
ինչպես
եւ
միւս
երկոքին
Ս.
Ներսէսք
ալ՝
Պարթեւն
եւ
Լամբրոնացին,
յուլիս
ամսոյ
մէջ.
Գրիգոր
Տղայ
եւ
Բարսեղ
ալ
ըստ
ոմանց
այս
ամսոյս
մէջ
վախճանած
են։
Իբր
թէ
ամենքն
ալ
երկրի
նեղացուցիչ
տօթէն
զզուած՝
երկնից
հովանոցը
տեղափոխեցին։
[4]
Գրիգոր
Վկայաuիրին
եւ
Թոռնկայ
խնամութեանը
պէս՝
Գրիգոր
Տղայոյ
եւ
Մլեհի
խնամութեան
կապն
ալ
ծանօթ
չէ.
կըրնայ
կարծուիլ
թէ
Գրիգոր
Տղայ
ալ
առաջ
ամուսնացեալ
ըլլայ
եւ
դուստրը
տուած
Մլեհի.
թէ
ոչ՝
սա
քեռայր
է
Գրիգորի
Տղայոյ:
[5]
Ոմանք
մեր
պատմութեան
մէջ
ծանօթ
եղած
Նուրէտտինի
մահը՝
կանխած
կ՚ըսեն
քան
զՍ.
Ներսիսի,
նոյն
տարւոյն
մայիս
ամսոյն
մէջ
բայց
ավելի
հաւանութեամբ
այլք՝
յաջորդ
տարին,
1174։
[6]
Հայոց
եկեղեցւոյ
գլուխն,
որ
եղաւ
Գրիգոր
Տղայ։
[7]
Տպագրեցաւ
՚ի
կարգի
Սոփերաց,
Հատ.
ԺԴ,
1854։
[8]
ԺԴ
դարու
Քարոզագիր
վարդապետ
մ՚ալ
Մեծն
կ՚անուանէ
զՆերսէս
Շնորհալին,
որ
սովորաբար
Ս.
Սահակայ
հօր
համար
կ՚ըսուի։
[9]
Mais
en
quel
genre
d'érudition
ce
celébre
Patriarche
n'a-t-il
pas
réussi!
(Վիլըֆրուա)։