Շնորհալի եւ պարագայ իւր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԹ .
Հիւանդութիւն Շնորհալւոյ. Մահ Ս. Բեռնարդոսի. —Ծնունդ եւ սնունդ Ներսիսի Լամբրոնացւոյ:

Շնորհալւոյ տեղափոխութիւն եւ նոր կլիմա Կլային, մանաւանդ ամառնային տաքութիւն տեղւոյն՝ իր աշխատանաց վրայ աւելնալով՝ վրան ծանր հիւանդութիւն մը բերին, զոր ինքնին յիշէ ՚ի նախայիշեալ թղթին առ եղբօրորդին իւր Ապիրատ. թէ եւ հիւանդութեան սաստկութիւնն կերեւի գարնան սկիզբները կամ ալ առաջ. վասն զի թուղթը գրեր էր 

«Ի հիւանդոտ եւ ցաւալից 

Անձնէ, յաւուրըս Քառասնից.

Զոր մերձ մահու հասեալ մըտից` 

Դարձոյց այսրէն՝ Տէրն ամենից ».

եւ ինչպէս որ , կաւելցընէ, թղթաբերներէն ալ «լինիս տեղեակ կըրից», զոր կրեր էր երկար եւ սաստիկ հիւանդութեամբ։ Թերեւս այս կամ ուրիշ ծանր հիւանդութիւն մ՚է՝ ուրիչ թղթի մը մէջ  յիշածն ալ, առ մտերիմ բարեկամն Գէորգ վարդապետ Հաղբատեցի. «Եւ մեք եւս յետ մարմնականին ախտի վճարելոյ՝ ախտանամք օր ըստ օրէ իմանալեաւս փոքր եւ մեծաւ»: Այս յիշատակքս եւ Հռոմկլայի տաքութեան վրայ քանի մ՚անգամ Շնորհալւոյ քաղցր գանգատքն (231), եւ Լամբրոնացւոյն անոր սովորկան հիւանդութիւն կոչելը զվերջինն ալ՝ որով եւ մեռաւ, կարծիք կու  տան որ պարագայիկ ջերմ մը կը բռնէր զնա, ուսկից չկարցաւ ալ բժշկուիլ, բայց զգուշությամբք 15 կամ 20 տարի դիմացաւ։

Թերեւս մինչ Շնորհալին առաջին անգամ այսպիսի հիւանդութիւն կը կրէր, Ս. Բեռնարդոս ալ վերջինը կրեց. 1153 տարւոյն սկիզբները տըկարանալով, եւ աւելի կամ պակաս ոյժ առնըլով եւ ուժէ ընկնալով, վերջապէս նոյն տարին ամառուան տաքուն՝ օգոստոսի 20-ին (մօտ այն օրերուն՝ որ մեր Շնորհալւոյ ալ մահաբեր եղան), իր սքանչելի մաքրութեամբ եւ եռանդեամբ հոգին աւանդեց՝ պարգեւողին ձեռքը. եկեղեցւոյ թողլով առատ եւ պայծառ գանձ մը վարդապետութեան, եւ աշխարհի օրինակ մը անարատ վարուց, զգօն մտաց եւ գործունեայ կենաց. եւ այնպիսի ազդեցութիւն մը ժամանակակըցաց վրայ՝ զոր թերեւս ոչ ոք ունեցեր է, մանաւանդ այսպիսի խոնարհ միանձնական վիճակի մեջ. քահանայութենէ վեր աստիճան մը չունենալով, եւ սակայն քահանայապետաց եւ իշխանապետաց առաջնորդելով բանիւ եւ գրով։ Կենաց եւ մահու հարկաւ՝ այս արեւմտեան աշխարհի Շնորհալի լուսաւորին խոնարհելու ատեն՝ մեր արեւելեան լուսաւորն դեռ իր հորիզոնին բարձրութեան մէջ էր, թէ ոչ կենաց շրջանին չափով՝ այլ արդեանց եւ գործոց։ Այս երկուքին զուգակցութիւնն յիշեցի առաջ, եւ հօս ալ ներուի աւելցընելու, եթէ ուզեք բաղդատել, որ Բեռնարդոս աւելի կը նմանի այն մեծ լուսաւորաց՝ որ աւելի կարճ ժամուց մէջ աւելի սաստիկ ցոլմունք կու ցուցընեն, եւ երբեմն աւելի երբեմն ա՛լ աւելի կը փայլին իսկ Ներսէս կը նըմանի այն արուսեակ աստեղն՝ որ միշտ համանման հանդարտ լուսով կը փայլի, եւ երկարագոյն ատեն։ Երկուքն ալ կանոնաւոր ընթացիւք գետոց նմանին, բայց Բեռնարդոս երբեմն մեծամեծ ալիքներով կը թաւալի, մինչ Ներսէս մանր ալեակներով հաւասար կ՚ընթանա. Բեռնարդոս շատ հեղ իբրեւ մերձաւոր հնոցէ կամ հրդեհէ կայծեր կը ճայթէ: Ներսէս իբրեւ հեռաւոր հնոցի կամ հրդեհի լոյս մը՝ հանդարտօրէն հորիզոնին վրայ կը նկարուի: Երբ Եդեսիա գերեցաւ եւ վնասեցաւ, ինչպէս տեսանք, Բեռնարդոս կերպով մը վազեց ՚ի վրէժխնդրութիւն, դրդեց զարեւմուտս. Ներսէս մօտանց ալ տեսնելով աղէտքը՝ նստաւ եւ ողբաց` մեծ էր այն ատեն Բեռնարդոսի ճառից ազդեցութիւնն. հիմայ մեծագոյն է Շնորհալւոյ Ողբոցն։ Արեւմտեան Ս. Հայրն՝ իր կողմերու մոլորելոց հետ տաք տաք կը վիճէր, կը մրցեր, կը յաղթահարէր. մեր արեւելեան Ս. Հայրն՝ աւելի կը ջանար իր եկեղեցին պաշտպանել սխալ դատողներէ, այլեւ պահանջողներէ, եւ անփոյթ թողողներէ։ Անիկայ հրեղէն լեզու մ՚էր ճարտասան. ասիկայ մեղվակաթ շրթունք երգահան։ Բեռնարդոս անդադար շարժման մէջ, մե՛րթ յարքունիս եւ մե՛րթ անապատն, Ներսէս աւելի առանձնացեալ ՚ի խորշս վանաց եւ ի ծերպս եփրատական քարանձաաց. գրով քան բերնով խօսէր. այլ եւ երբեմն ելնէր՝ նման իր արեւմտեան զուգակցին, կամ ՚ի հաշտեցընել զիշխանս, կամ ընդառաջել թագաւորաց, եւ այլն։ Իսկ երբ զմարդիկ թողլով՝ երկնաւորաց հետ կենակցիլ եւ խօսակցիլ ուզեն, երկուքն ալ տարբեր եղանակներով եւ հաւասար ներդաշնակութեամբ սրտերնին կը լարեն. եւ ետ երկար ընկղմելոյ յաստուածութեան, գեղեցիկ լուզան խաղան զմայլեալք յԱստուածամայրն. մին կ'երգէ «Ողջ լեր աստղիկ ծովային», Ave maris Stella, միւսն՝ «Նոր երկինք յերկրի, արփւոյն պարունակողն, ծագողին ծագող» [1] ։ 

Եթէ այս ատեն արեւմտեան եկեղեցին զրկուեցաւ իր վառվռուն հոգեւորէն, մեր եկեղեցիս մեծաբաղդ գտուեցաւ՝ գրեթէ այն թռուցեալ հոգին գողնալով, եւ իրոք ուրիշ անոր նման մ՚ալ ժառանգելով, եւ նոյն օրերուն ընծայելով մեզ Բեռնարդոսի հոգեկից եւ Ներսիսի անուանակից՝ Լամբրոնացին, որ ծնաւ սոյն 1153 թուականին։ Նոյն աստուածային սիրոյ եւ եռանդեան կաղապարէն թափուած հոգի եւ անձ մ՚ալ, որ յետ Բեռնարդոսի եւ Շնորհալւոյ՝ վսեմագոյն եւ սքանչելի կերպարանքն է ԺԲ դարուն վերջին քառորդին. աշխուժիւ եւ տաքութեամբ եւ ուժգին վերասլացմամբք՝ աւելի նմանագոյն Բեռնարդոսի, կըրնամ ըսել թէ եւ կորովի տրամադատութեամբն եւ սիրալիր խօսիւք ընդ Աստուծոյ, նոյնպէս եւ գործունէութեամբն՝ քան իր պապեղբայրն, եւ եթէ նուազութիւն կամ նուաստութիւն մը չերեւի ըսելս՝ երկու Ներսիսից բարքն իրար խառնելով` կատարեալ Բեռնարդոս մը կը ձեւանար. սակայն իւրաքանչիւրն նմանողութեամբ հանդերձ իր յատկութիւնն ունի, եւ մեր Շնորհալիս կը գերազանցէ միշտ ինքն իրեն նման ըլլալովն եւ յամենայնի կակուղ շնորհափայլութեամբն։ Ինչպէս Շնորհալին յետինն է մեր վեհակերպ հայրապետաց, Լամբրոնացին ալ յետին վեհ եպիսկոպոս եւ վարդապետն է մեր եկեղեցւոյն. ասով կը փակուի Հայկական մեծության վերջին Դարն, ԺԲ։ Եւ զի թէ՛ արդեամբք եւ թէ՛ ժամանակաւ այսպէս յարաբերութիւն ունի Ներսէս Լամբրոնացի մեր պատմական պարագայիս՝ զոր եւ յետոյ յերկարեց եւ պայծառացուց, արժան է որ համառօտիւ յիշենք իր ծագումը։

ԺԱ. դարուն կիսուն՝ երբ Մեծ Հայոց զանազան կողմերէ ազնուականք եւ տանուտեարք՝ գաղթեցին ՚ի Փ. Հայս եւ յերկիր կայսերութեան Յունաց Հայոց ամենէն արեւելեան գաւառներէն՝ Գանձակայ կողմէն ալ՝ Օշին անուամբ ազնուական մը եկաւ Կիւլիկիոյ կողմերը ՚ի 1073, ուր կայսրն կուսակալ կարգեր էր Հայ Արծրունի Ապլղարիպ իշխանը, որուն արդէն ծանօթ եւ Նժդեհակից էր Օշին, ուստի եւ կրկին մտերիմ եւ օգնական եղան իրարու, Ապլղարիպ տուաւ Օշնի Լամբրոն անուամբ ամուր բերդ մը` Տօրոսի դժուարին դըրից մէջ, ուսկից իր տոհմն Լամբրոնացի ըսուեցաւ եւ յետ մահուան Ապլղարիպի՝ առաջին ազնուական եւ մեծապատիւ տոհմ եղաւ այն կողմերը, կայսերաց ծառայութեան մէջ. որք նախ Օշնի որդին Հեթումը Սեբաստոս կոչմամբ պատուեցին: Սա ԺԲ դարուն սկիզբները իր դստերաց մէկը տուաւ կին Վասլի՝ անդրանիկ եզբօր մեր հայրապետաց, եւ այս առաջին կապ մ՚եղաւ երկու ազնիւ տոհմից խնամութեան, որ ալ աւելի մերձաւորեցաւ՝ երբ Հեթմոյ որդին Բ Օշինն ալ՝ անոնց կրսեր եղբօր Շահան-Զօրավարի Շահանդուխտ դուստրը իրեն կին առաւ, առանց իմացընելու կաթողիկոսին եւ Շնորհալւոյ՝ որ արգելք չըլլան իբրեւ մերձաւոր ազգակցութեան։ Ասոնցմէ ծնան 5 արու եւ 3 աղջիկ զաւակ. նախ աղջիկ մը, ապա (1151) Հեթում (Բ) պայազատն, գ. Սմբատ (1153), որ նոյն ինքն է մեր խնդրելին եւ քննելին՝ Ս. Ներսէս Լամբրոնացի։ Սա թէ ոչ յարգանդէ՝ այլ եւ ոչ ուշ յետ ծնընդեանն նուիրեցաւ Աստուծոյ եւ Աստուածամօրն. վասն զի ստնդիայ հասակին մէջ մահու վտանգաւ հիւանդանալով` բարեպաշտ մայրն ուխտ ՚ի սիրտ բերաւ զերեխայն իրենց բերդին քով իր էրկանը շինած Սկեւռայ վանքին Ս. Աստուածածնի եկեղեցին, եւ խոստացաւ անոր ընծայելու՝ եթէ առողջանայ։ Եւ այնպէս ալ եղաւ. առողջացաւ եւ նուիրեցաւ Աստուծոյ կուսական կենօք եւ սրբազան կարգաւ իրեն ծառայելու. զոր եւ կրկին պատուիրեց հայրն Օշին՝ մահուանն ատեն, երբ զանդրանիկն իրեն հաջորդ դրաւ, Սըմբատն ալ իր շինած Սկեւռայ վանից առաջնորդ սահմանեց, երբ հասակն առնու. բայց եւ ՚ի տղայ  հասակէն յանձնեց այն տեղի միանձանց զինքը դաստիարակելու, որ եւ նման մեր Պահլաւունի հայրապետաց՝ յետ մօրը կաթին՝ միանձնական կենաց կրթութիւնը ծծեց բոլոր մանկութեան ատեն։ Այն ատենէն՝ յառաջ իսկ քան զանունը ժառանգելը՝ ժառանգեց իր պապեղբօր շնորհքը եւ հոգին. գուցէ մասամբ բաղդաւոր ալ քան զնա գտուելով՝ ՚ի մասին վարժից. վասն զի մայրն՝ զոր պատմիչն կոչէ «կին ժրագլուխ եւ պսակ առն իւրոյ», ըստ առակաց Սողոմոնի, քիչ մը յունարէն լեզու գիտնալով՝ հոգաց որ որդին ալ սովրի. եւ սա ալ ՚ի բնէ եւ կրթութեամբ սրամիտ եւ շատ ուսումնասէր ըլլալով՝ տղայութեան ատենէն սովրեցաւ այն կարեւոր լեզուն, եւ յետոյ լատինարէն ալ. եւ երկու լեզուէն ալ գրոց եւ թղթոց թարգմանութիւններ ըրած է։ Այնքան մեծ էր եռանդն աստուածսիրութեան եւ իմաստասիրութեանն՝ որ եւ ոչ քնանալ կուզէր, այլ երբ յետ ինչուան պահ մը գիշերոյ աղօթելէն եւ կարդալէն՝ ստիպուէր ՚ի քնոյ՝ անկողին չէր մտներ, հապա աթոռի մը վրայ կծկելով քանի մը ժամ կու քընանար. եւ արթըննալուն պէս՝ մէկէն իր աղօթից եւ ուսմանց գրոց կը դիմէր. աղօթից ատեն՝ այն տղայութեան հասակէն ընդունած էր արտասուաց կամ փղձկման շնորհքը, զոր շատ քիչ սուրբք ընդունած են, եւ այն յետ շատ տարիներու։ Մտավարժութեանն համար ալ կ՚ըսեն, թէ դեռ 16 տարուան ըլլալով՝ սկսեր էր Ս. Գիրքերը մեկնել. եւ արդէն հիմայ իրմէ մնացեալ մեկնութիւններն ալ՝ դալար հասակին ընծաներ են, որ հասունացեալ մտաց բերք կերեւին. եւ անոնց մէջ ամենէն գլխաւագ գործն՝ Պատարագի մեկնութիւնը, որ մեր դպրութեան եւ տրամաբան գրուածոց ամենէն առջեւ կարգը դասուելու գրոց մեկն է, իր կենաց 24 տարին չանցած՝ գրեր աւարտեր էր. ասով եւ ճարտասանական գրուածօքն՝ աւելի զօրաւոր եւ տաղանդաւոր միտք կը ցուցընէ՝ քան իր հայրագիր Հայրապետն։ Բարեսիրութեան եւ իմաստասիրութեան մեծ հաւաստիք մ՚ալ ցըցուց իր հայրենի ժառանգութեան գործածութեամբը. հայրն՝ ուրիշ բաներէ զատ իրեն 30, 000 ոսկի թողուցեր կամ տուեր էր, որ հիմակուան արժէիւք կէս միլիոն ֆրանգի մօտ կըրնայ ըլլալ. ինքն այս գումարս երեք մաս բաժնեց. մէկը՝ եկեղեցւոյ սպասուց եւ վայելչութեան սահմանեց, մէկալը՝ աղքատաց սեպհականեց, երրորդն ալ գիրք ստանալու եւ գրել տալու. շատ գրքեր ալ իր ձեռօք գրած է. որոց մէկ քանին մեր ձեռքն ալ հասեր է, տեսեր եւ համբուրեր ենք. ինչուան Հռովմայ եւ Բարիզու մեծամեծ գրատանց մէջ ալ գտուին իր մատանց գծագրութիւնքն։ 

Պատանեկութեան 16–ամեայ հասակի մեջ էր Սըմբատ՝ երբ մայրն տարաւ զնա առ Շնորհալի հօրեղբայր իւր, այն ատեն կաթողիկոսացեալ (1168), որ եւ Եղիայի նման տեսնելով իր կրկին հոգին այն նոր Եղիսէի վըրայ, չդանդաղեցաւ զնա քահանայ ձեռնադրելու, ինչպէս որ ինքն ալ ձեռնադրուեր էր տղայ հասակի մէջ. եւ ՚ի նշան մեծ սիրոյն եւ յուսոյն՝ իր անունն ալ պարգեւեց անոր, զոր եւ կրեց սա արժանապէս՝ նաեւ յետ մահուան իր ձեռնադրողին. որոյ վրայ փոխադարձաբար սէրն եւ երախտագիտութիւնն ալ ցըցուց նորընծայ քահանայն՝ անոր վարքը եւ գովութիւնը գրելով ոտանաւոր բանիւ։ Ձեռնադրութենէն զատ՝ Շնորհալին մեծ խնամքով . քիչ մ՚ատեն քովը պահեց իր սիրուն եւ սրբիկ սանուկը, իր մեծ հոգւոյն վերջի ճառագայթները անոր հոգւոյն նորանշոյլ Ճառագայթից խառնելով. եւ մեծագոյն զարմացմամբ եւ հաճութեամբ տեսնելով այն անկատար հասակին մէջ գերագոյն կատարելութիւն մը, խոր հասողութիւն մը աստուածային իրաց, եւ նախանձելի սէր մը աստուածխօսութեան, որով փափագէր նորընծայն՝ Հռոմկլայի եւ Շնորհալւոյ աթոռէն աւելի աստուածամօտ անզբաղ ապաստանարանի։ Ղըրկեց զնա Սեաւ լերին ամենէն ապահով վանքերու. ուր քանի մը տարի պտըտելով եւ նստելով, եւ իր հոգւոյն եւ մտաց ախորժածները հաւաքելով՝ դարձաւ իր հայրենիքը: Բայց յանձն չառաւ Հօրը կտակին համեմատ Սկեւռայ վանաց առաջնորդութիւնը, զինքը դեռ անկատար համարելով տարւօք եւ վարուք. եւ Յովհաննէս անուամբ վարդապետի մը աշակերտելով՝ անոր հետ անապատէ անապատ վանքէ վանք կը քաշուէր, մանաւանդ Սաղրու ըսուած վանքը, աղօթից եւ ուսմանց եւ սուրբ պատարագը մատուցանելու միայն զբաղելով։ Ինչուան որ յետ մահուան Շնորհալւոյն՝ յաջորդն Գրիգոր Տղայ՝ քովը կանչեց, եւ քիչ մ՚ատեն ալ ժամանակին գիտնագոյն վարդապետաց քով վարժեցընելով՝ 23 տարուան հասակին արքեպիսկոպոս ձեռնադրեց զնա Տարսոնի եւ Լամբրոնի եւ մերձակայ գաւառաց. եւ այնուհետեւ արդեամբք ժամանակին եկեղեցականաց մէջ այն տեղը բռնեց՝ զոր Շնորհալին իր ժամանակակցաց մէջ։ Բայց մեր պատմութեան սահմանին համար բաւական կարծեմք Ն. Լամբրոնացւոյ արեգակնանման հոգւոյն այս ծագումը, յորմէ կըրնար գուշակուիլ իր ապագայ պայծառութիւնն եկեղեցական եւ քաղաքական գործոց մէջ. որով եւ նոր պարագայ կամ ժամանակ մը կը կազմէ իր կենաց երկրորդ կէսն (1175–1198), արժանաւոր ՚ի շարունակութիւն իր պապեղբօր վարուց, եւ ՚ի բովանդակել մեր ԺԲ դարը՝ Ներսիսեան կոչմամբ։ 

Բայց զփոքրն Ներսէս թողլու ատեն՝ հարկ է որ նորէն իր հօրը (Օշնի) դառնանք, առ որ մեծ հարկ մը պիտի բերէ զՇնորհալին ՚ի Հռոմկլայէ ՚ի Լամբրոն եւ ուրիշ Կիլիկիոյ քաղաքներ. եւ այս հարկին գլխաւոր պատճառ եղող անձ մ՚ալ որ եւ ժամանակիս ներկայացող արդարեւ մեծ եւ նշանաւոր կերպարանք մ՚է, եւ սիրելի ազգիս, եւ որ թերեւս կըրնայ մեծութեամբ՝ (թէ եւ տարբեր տեսակաւ) հաւասարիլ Շնորհալւոյ մեր պատմութեան մէջ. եւ է սա՝ նախ Կիւլիկիոյ լերանց ապա եւ դաշտաց եւ քաղաքաց իշխեցողն, Թորոս Բ, եղբօրորդի Ա. Թորոսի թոռին Ռուբինի, կանգնողի համանուն հայկական հարըստութեան։



[1] Տաղ Աւետեաց։