Շնորհալի եւ պարագայ իւր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ժ.
Գիտնական անձինք եւ տեղիք ժամանակիս ՚ի Մեծ Հայս. Անի եւ Անեցիք, Սամուէլ, Մխիթար, Վարդան, ասոր Երգելիկն. Գանձակ եւ գիտնական վարդապետքն. Մխիթար գոշ. Հաղբատ եւ. Սանահին. Յակոբ Քարափնեցի. Յովհ. Սարկաւագ Սոփեստէս։

 

Անշուշտ Գրիգորիս Նոր Վկայասէրն եւ իմաստասէր՝ ոչ միայն իր մերձաւոր վարդապետաց եւ գիտնոց գրելու եւ աշխատելու յորդորիչ եւ Մեկենաս եղաւ, այլ եւ հեռաւորաց, ըստ իւրաքանչիւր յաջողութեանց. որոց մէջ համարուի ժամանակագիրն Սամուէլ երեց Անեցի, յերիտասարդութեանն՝ գերահռչակ Սարկաւագ վարդապետի աշակերտած, անոր բազմապատիկ հմտութեանց հաղորդ եւ սիրող. մանաւանդ պատմական եւ ժամանակագրական գիտելեաց։ Սովորաբար կարծուի թէ Գրիգորիս յանձնեց ասոր՝ ստոյգ քըննութեամբ ազգային եւ դրացի պատմութեան ժամանակագրութիւն մը յօրինել։ Մինչեւ այն ատեն շատ հայ պատմիչք եղած էին, եւ շատին գրածն ալ գըտուեր, սակայն դեռ ոչ ոք այնպիսի ոճով գրած էր, որ Եւսեբիոսի Քրոնիկոնին՝ այսինքն Ժամանակագիր պատմութեան նման ըլլայ, ստուգելով դիպաց եւ թագաւորաց ու քահանայապետաց թուականները, եւ աղիւսակներով ալ զանոնք շարելով եւ իրարու հետ համեմատելով։ Մեր բազմերախտ պատմահայրն Մովսէս Խորենացի՝ առաջին հետեւող Եւսեբեայ, անշուշտ այսպիսի բան մ՚ըրած էր իր պատմագրութեան ետեւը, ինչպէս որ կարճ խօսքով մը կ՚իմացընէ, սակայն մեզի հասած չէ ստոյգ բան մը. եւ ոչ իսկ Սամուէլ կը յիշէ զայս, այլ միայն թէ իրեն առաջնորդ կ՚առնու զասոնք , «ձեռնտու ունելով զնոսա, զԵւսեբի ասեմ եւ զՄովսէս Խորենացի»։ Անոնցմէ ետեւ Սամուէլ ուրիշ ազգային եւ թարգմանեալ պատմիչներու հետեւելով, եւ իր վարպետաց՝ Սարկաւագայ եւ Գէորգայ ծանօթութեանց, ի նահապետաց կը սկսի ժամանակագիր պատմութիւնն ընդհանուր հին ազգաց` մինչեւ ՚ի Քրիստոս, ըստ կարելւոյն թուականներն ալ դնելով. իսկ ի Քրիստոսէ կը սկսի ասոր թուականաւն շարել գաւազաններով կամ աղիւսակներով՝ անընդհատ տարի առ տարի, Հայոց, Հռովմայեցւոց կամ Կայսերաց, Պարսից եւ յետոյ Արաբացւոց իշխողաց յաջորդութիւնները, եւ ըստ ժամանակին՝ Հայոց կաթողիկոսաց շարքը, իւրաքանչիւրին իշխանութեան եւ աթոռակալութեան տարէթիւն ալ նշանակելով հետզհետէ. իսկ նշանաւոր դիպուածները՝ աղիւ. սակաց լուսանցքները գրելով, եւ երբեմն այս աղիւսակները կամ գաւազանները դադրեցընելով, ու կարեւոր տեղեկութիներ գրելով, յետոյ դարձեալ շարունակելով զգաւազանս. եւ այսու ոճով կը հասցընէ մինչեւ Շնորհալւոյն վախճանը եւ անկէ քիչ անդին, ցամն 1177, ուսկից անդին ուրիշ շարունակող հեղինակ մը կ՚ըսէ. «Աստանօր զտեղի առեալ կացին շարադրութիւնք գեղեցկաբանին Սամուէլի, զոր բազում երկասիրութեամբ հոգ տարեալ ստուգագրութեան՝ եւ ճշգրտիւ հասուցեալ մինչեւ յիւրն ժամանակ»։ Իսկ ինքն Սամուէլ յառաջաբանութեանը մէջ կ՚ըսէ. «Մոռացեալ զտգիտութիւն եւ զանուսումնութիւն իմ, ՚ի թախանձելոյ քոյ, սրբազգեացդ Գրիգոր, յաղթեցայ ՚ի կամաց ձերոց՝ առ ՚ի գրել զոր կամեցար …» ։ Նոյնպէս եւ յառաջ քան զսկիզբն գաւազանագրութեան. «Արդ ով սըրբազգեաց տէր իմ Գրիգոր, հարկեցայ ՚ի թախանձելոյ ձերոյ զեղկելի անձն իմ, ետու զանարհեստ ձեռն իմ ՚ի մշակութիւն այսմ գործոյ, մոռանալով զբաջաղմունս կենցաղականիս…։ Սկսեալ ՚ի ծննդենէն Քրիստոսի՝ յառաջին ամի, զոր կարգեցից բուն թուական, եւ զթագաւորս Հռովմայեցւոց, Հրէից եւ Պարսից եւ զմերոյս ազգի, ստոյգ գտակաւ գրեցից անյապաղ»։ Մեր ձեռքը հասած օրինակաց մէջ Սամուէլի վերջաբանութիւնն կամ յիշատակարանն չկայ. գուցէ դուրս թողած ըլլան իր շարունակողքն, որք եւ իրարու յաջորդելով այս Հայկական Քրոնիկոնը կամ ժամանակագրութիւնը հասուցած են մինչեւ յ՚ԺԸ դար. եւ ինչպէս Սամուէլ զԵւսեբիոս օրինակ առեր է, զենքն ալ օրինակ եւ առաջնորդ կ՚առնուն մերազգիք։

Սամուէլ ժամանակագրութենէն զատ տօմարական բաներ ալ գրած է, որոց լաւ հմտացեր էր իր ամենահմուտ վարպետէն (Սարկաւագայ). այսպիսի է պարզ ոճով ու հարցմամբ եւ պատասխանով գրուած մը իր անուամբ, ՚ի խնդրոյ Իմաստասէր մականուանեալ Ստեփանոս վարդապետի մը։

Թէ եւ սովորաբար ըսինք կարծուի որ Սամուէլ Գրիգորիսի յորդորմամբ գրած ըլլայ Ժամանակագրութիւնը, այլ ինձ թուի թէ ոչ անոր՝ այլ Գր. Տղայոյ խնդրով գրած է, որոյ ժամանակն ալ կը դադրեցընէ պատմութիւնը. վերոյգրեալ յիշատակարանացը մէջ տեսանք որ զկաթողիկոսը Գրիգոր կ՚անուանէ, պատմութեանցը մէջ ալ այսպէս անուանէ միշտ զՏղայն, իսկ զեղբայրն Ներսիսի՝ Գրիգորիս։ Բայց մենք ոչ զայս նկատելով՝ հօս յիշեցինք այս հեղինակը, այլ զի ուզեցինք ժամանակի գրաւոր վիճակն ալ քիչ մը ծանուցանել, թէ՛ մեր պատմական պարագային աւելի ամբողջ բոլորելու համար, եւ թէ՛ անոր կեդրոնը բռնող Շնորհալին աւելի պայծառ եւ գերազանց ցուցընելու։

Արդ թէպէտ եւ Շնորհալւոյ դաստիարակութիւնը յիշելու ատեն՝ իրմէ ալ լսեցինք (61) որ Հայոց մէջ յունական հռչակեալ վարժարանք չկային, եւ ոչ դպրութիւն օտար լեզուաց, այլ ճանչցանք ալ որ իր ԺԲ դարն մեր գրականութեան ամենէն ճոխ եւ պայծառ դարն է, յետ աւուրց Թարգմանչաց։ Այս ուսմանց նորոգութեան սկիզբն՝ դար մը աւելի առաջ սկզբնաւորեր էր, Բագրատունի թագաւորաց հարստութեամբ եւ այլ եւ այլ իշխանաց բարեպաշտութեամբ, երբ սկսան վանքերը նորոգել եւ նորանոր կանգնել, մանաւանդ Շիրակայ եւ մօտիկ գաւառաց եւ Ձորոգետոյ մէջ։ Հարկ էր որ անոնց կենդրոն ըլլար մայրաքաղաքն Անի, ուր արքունեաց հետ հաստատեցաւ եւ Հայրապետանոցն Հայոց, եւ իր մերձագոյն սահմանքն. յորս նախ հաստատեցան կրօնիւք եւ ուսմամբք հռչակեալ վանորայքն Հոռոմոսի, Հառիճոյ, Մարմաշէն , Կարմնջաձոր, եւ յատուկ իսկ ուսմանց անուամբ կոչեալն Դպրեվանք, եւ Արգինայի կաթողիկոսարանն, ուր Խաչիկ Ա (971-991) «զաստուածախօս կտակս յոլովակի ստացեալ՝ զգիրս սուրբս, զառաքելասացս եւ զմարգարէաքարոզ պատգամն՝ հանդերձ ամենայն վարդապետացն ձայնիւք», ըստ Ասողկայ [1] ։ Դժբաղդաբար Անի երբ շինութեան եւ  բարգաւաճանաց ծայրն հասաւ, երբ շատցան իր վարդապետքն ճշմարտախօսք՝ հանգոյն առաջին վարդապետացն՝ ՚ի խորս գիտութեան հասեալ [2] ». եւ երբ իր շրջակայ «անապատագոյն վայրքն լցեալ եւ խճողեալ էին կրօնաւորական դասուք, մինչ  զի զգեօղս եւ զագարակս՝ առ բարի նախանձ քահեալ՝ առնէին բնակութիւն կրօնաւորաց [3] », նման Թարգմանչաց դարուն հանդիպածին՝ սա ալ շուտով կորոյս թագաւորական եւ հայրապետական գահերը անով նուազեցան եւ իր երկու ձեռնտուքն մտաւոր բարգաւաճանաց. զոր ա՛լ աւելի զրկեցին անդադար եւ մի ըստ միոջէ յափշտակութիւնք Անոյ՝ ՚ի Յունաց, Թուրքաց, Վրաց եւ Պարսից։ Ի վերայ այսր ամենայնի դեռ մեր պատմական պարագային միջոց եւ ցվերջ ԺԲ դարու՝ Անի Հայոց մայրաքաղաք կը համարէր եւ բնավայր կաթողիկոսաց, որք եւ յոյս ունէին վերադառնալու հօն. որոյ եւ եպիսկոպոսն իբրեւ իրենց աթոռակալ էր, սկսեալ Մեծ Վկայաuիրէն դրուած Բարսղէ. եւ հարիւր տարի ետեւ ալ Հռոմկլայի Ժողովոյն մէջ (1177) յետ երկուց կաթողիկոսացն՝ Հայոց եւ Աղուանից՝ ամենուն նախաթոռ բազմեցաւ Անոյ արքեպիսկոպոսն Բարսեղ. ըսել է որ այսպիսի եկեղեցական աթոռ, եւ քաղաքական ալ մեծ տեղակալի կամ առանձնակ իշխող ամիրայից եւ փոխարքայից գահ եղող քաղաքն՝ չէր կըրնար չունենալ եւ ուսումնական պայծառութիւն մը. թէ եւ մեզի անկէ շատ ճառագայթներ հասած չըլլան՝ զլացութեամբ ժամանակի, այլ եւ ոչ իսպառ աննշոյլ մնացած։ Եւ ահա վերոյիշեալն Սամուէլ, որ աշխարհիկ երէց մ՚էր, ըլլայ մէկ օրինակ մը. որոյ յիշուին եւ երեք համաքաղաքացի համշիրակք, աշակերտք հռչակեալն Սարկաւագայ, Խաչատուր, Գրիգոր եւ Յովհաննէս, իբրեւ նշանաւորք գիտութեամբ եւ գրչութեամբ, թէ եւ դեռ մեզի ծանօթ չեն իրենց գրաւոր վաստակքն ։  

Իսկ ինքն Սամուէլ յիշէ վերը նշանակուած Գէորգ վարդապետ մը` որուն աշակերտ ալ եղած էր, ինչպէս եւ Սարկաւագայ՝ եւ կ՚ըսէ թէ այս Գէորգս իրեն պէս ժամանակագրական գաւազան մը գրած էր առջի դարերուն, ինչուան Հայոց թուականը, ՚ի կէս Զ դարու, եւ այս գործս եղաւ առաջնորդ Սամուէլի։ Գէորգայ բուն գործն չըկայ հիմա. այլ շատ հաւանօրէն այս վարդապետն է Գէորգ Անեցի կոչուած Գանձասացն, որոյ անուամբ քսանէն աւելի գանձք կան, չափաւոր շնորհքով, որոց տնագլուխ տառքն Գէորգ կը կապեն, եւ մէկուն վրայ Անեցի կոչումն ալ դրած է։

Սամուէլի կրսեր ժամանակակից եւ հայրենակից է Մխիթար Անեցի, մայրաքաղաքին կաթողիկէին Երէցը, որոյ հմտութեանը եւ հետաքննութեանը գովութեամբ կը վկայեն Վարդան եւ ուրիշ պատմիչք, իրմէ լոյս առնըլով. վասն զի Մխիթար ազգային Պատմութիւն մը գրած էր շատ քննութեամբ եւ բաղդատութեամբ, նպատակ ունենալով Բագրատունեաց ցեղին պայազատաց եւ թագաւորաց ու անոնց մայրաքաղաքին Անոյ եւ սահմանաց դիպուածները։ Երեք մաս բաժնած էր գործը. առաջինն՝ Բագրատունեաց հին յիշատակները՝ Հայկազանց Պարոյր առաջին թագաւորէն սկսելով՝ մինչեւ վերջին Յովհաննէս-Սմբատ Բագրատունի թագաւորը կը հասցընէր. Բ-ն ՚ի Յովաննիսէ՝ մինչեւ ի Բարսեղ կաթողիկոս, Գ-ն անկէ մինչեւ յառումն Երուսաղէմի ՚ի ՍալահԷտտինայ (1186) եւ քիչ մ՚ալ վերջը՝ մինչեւ ցամն 1193, որ է ըսել ՚ի մահ Գրիգորի Տղայոյ։ Յայտ է որ Բ եւ Գ մասն՝ զոր ինքն Պրակ կ'անուանէ՝ շատ հետաքննական պիտի ըլլան, որոց մէջ «գրեթէ զ140 ամաց մեծամեծ գործս», կ'ըսէ, պատմել եւ գրել խնդրեր էր իրմէ Հառիճոյ [4] Վանաց Հայր՝ Գրիգորն, ինքն ալ  յանձն առեր էր գրել եւ «լայն եւ տարած բանիւք ընդարձակել»։ Դժբաղդաբար այս պիտանի Պրակներն մեր ձեռքը հասած չեն. որոց մէջ Թուրք տիրապետաց եւ Աթաբէկաց վրայ կարեւոր տեղեկութիւնք կային, արեւելեայ օտար պատմըչաց գրուածներէն առած. որ եւ յայտնէ իր լեզուագիտութիւնը։

Այս բանիս վկայութիւն է եւ պարսկերէն լեզուէ աստղաբաշխական գիրք մը թարգմանելն, արեգական եւ լուսնի խաւարմանց վրայօք, շատ աղիւսակօք, որ պարսկերէն Զիճ կ՚ըսուին, եւ աստղաբաշխական գրուածք ալ նշանակեն. թերեւս զնոյն պէտք է իմանալ Վարդան Պատմոչի Ո ճիէ կոչածը, զոր ինքն իբրեւ Պարսիկ հեղինակի անուն յիշէ։ Այս գործոյս մէջ (որ Պատմութեանը պէս՝ մեզի հասած չէ, կամ ծանօթ չէ) յիշէր Մխիթար 1176-ին հանդիպած արեգական բոլորական մեծ խաւարումը զոր դիտելով եւ Ներսէս Լամբրոնացի՝ կամ իր հայրենի սարաբարձր դիտանոցէն, կամ ՚ի Հռոմկլայի քարանձաւաց գագաթէն, ափշէր եւ սոսկայր. «յաւուր նոր կիւրակէին, կ՚ըսէ, (11 ապրիլի), յառաւօտուն պահու ընդ ծագել արեւուն՝ եղեւ խաւար ՚ի վերայ երկրի. ոչ որպէս խաւարումն արեգական, այլ որպէս զհասարակ գիշերի, յորժամ իցէ առանց լուսնի եւ աստեղաց, ՚ի յաշխարհէ Պաղեստինացւոց մինչեւ ՚ի Բիւզանդիոն, եւ յայլ բազում գաւառս…։ Այլ եթէ զկորուստ քրիստոնէիցն գուշակեաց (Մանուէլի կայսեր եւ զօրացն՝ Խլիճ Ասլանայ՝ յամսեան սեպտեմբերի) ոչ գիտեմ, եւ եթէ զսովոյն սաստկութիւն՝ որ ՚ի նոյն ամն եղեւ՝ եւ ոչ զայն եւս (գիտեմ)»։ Եթէ քանի մը տարի առաջ, թարգմանած եւ հրատարակած ըլլար Մխիթար Անեցի իր գործը՝ Լամբրոնացին կըրնար ստուգել այդ խաւարման բնական պատճառը, որ  «քննեալ եղեւ, կ՚ըսէ, յիմաստասիրաց բազմաց. «գտաւ դիր աստեղաց եւ ընթացք արեգական եւ լուսնի իւրեանց կայանս, առանց իրիք սայթաքման. եւ մնաց այնու աշխարս ժամ մի, եւ ապա եղեւ լոյս»։ Յայտ է, որ այն իմաստասէրքն՝ բաւական հմուտ չըլլալով՝ աւելի սայթաքեր են քան իրենց դիտածը։ Մեզի նշանելի բան մ՚ալ այս է՝ որ մի եւ նոյն ժամանակ երկու Մխիթարք, մէկն Անեցի միւսն Հերացի, աստղաբաշխական գիտութեանց պարապեր եւ հմտացեր են. ետքինս՝ որ մտերմացեր էր ընդ Շնորհալւոյ , որպէս եւ ընդ յաջորդի նորա, պիտի յիշուի յետոյ։

Հիմայ խօսքերնիս Անեցոց վրայ է, որոց համար աւանդութեամբ կ՚ըսեն եւ յետին դարուց գրիչք, թէ շատ ուսումնասէր եւ կարդացող էին, եւ իրենք զիրենք ալ շատգէտ համարելով՝ զօտարները հպարտութեամբ ծաղրէին. հաւանօրէն այս դարս էր իրենց գիտնականութեան ամենէն ծաղկած ատենն։ Այս ատենս ծաղկած կարծեմք (վասն զի ստոյգ թուական կամ յիշատակ մը չկայ) Վարդան Անեցի վարդապետն ալ, որ ծանօթ է միայն մէկ նորօրինակ իսկատիպ եւ բանաստեղծական գըրուածով մը «Վասն Կառաց Աստուածութեանն, «ներբող». գրուածն արձակ է, այլ տուն տուն նման գանձի, որոյ փոխան ինքն նորալուր կոչում մը կու տայ, տնագլուխ տառերովն կապելով զայս բան. Անեցի Վարդապետի Երգելիկ. յորմէ տեսնուի ալ որ 28 տուն է, առաջին 4 տունքն Աստուծոյ կառաց վրայօք, այն կառաց՝ զոր Եզեկիէլ մարգարէն տեսաւ ՚ի տեսլեան. մընացեալ 24 տունքն վեց վեց բաժանին ՚ի վերայ չորից կենդանեաց որք զկառքը քաշեն, Մարդն, Առիւծն, Եզն եւ Արծուին. մէկ մէկ տուն նկարագիր նուիրած է իւրաքանչիւրին անձին, կերպարանքին, ձեռքին, ոտքին, շունչին, եղջիւրին, եւ այլն, եւ զամենքն ալ Քրիստոսի օրինակ գրելով՝ պատկառանօք կը խօսի. այլ հանդերձ ամեն աստուածաբանական խորատեսութեամբքն՝ գերազանցէ բանաստեղծութեամբը, Նարեկացւոյ հանճարագիտութեանց նման, թերեւս եւ աւելի [5] ։ Յայտ է, որ այսպիսի խորիմաստ գրուած իրեն  Լուծմունք մ՚ալ կը պահանջէր, եւ այս ալ գրուած է [6]. այլ մեր դիտելիքն ամեն բանէ վեր՝ աղատական մտօք եւ սրտիւ ոճն է Երգելկիս, որ գուշակել տայ Անոյ հանգըստեան եւ զուարճութեան օրերը, յորս չէին լռեալ ձայնք քնարաց եւ բոմբիւնք թմբկաց, զորս հառաչանօք ողբայր երբեմն լսողն եւ ապա փնտռողն Արիստակէս Լաստիվարտցի։ Անոյ հազարումէկ եկեղեցեաց եւ հարիւրաւոր աշտարակաց միջոցէն՝ ոչ միայն աղօթից մաղթանք եւ զինուց շառաչիւնք, այլեւ շատ հանճարոյ եւ սիրոյ բարձր ու վառվռուն թռիչք սլացեր են. եւ ողբալի աւերակքն՝ շատ սխրալի սրտից եւ երկնաճեմիկ  ճակատուց վրայ կը հանգչին։ 

Այս պարագայիս Հայոց ամենէն արեւելեան մեկ մեծ քաղաքն ալ՝ Գանձակ, Անոյ պէս առանձին ինքնագլուխ Պարսիկ իշխան ունէր, եւ իբրեւ մայրաքաղաք շէն էր ամենայն բարեմասնութեամբք, որոց մէջ երեւի եւ ուսմանց մասին գերազանցութիւն. այսպէս դատելով իր ընծայած եւ պահած երեւելի վարդապետներէն. ինչպես էին մեծահռչակն Յովհ. Սարկաւագ, եւ ընկերակիցքն, Դաւիթ՝ որդի Ալաւկայ, որ կանոնական գիրք մը գրեց քաղաքակից Արքայութիւն անուամբ նորընծայ քահանայի մը խնդրանօք. եւ Գրիգոր՝ Թոքակերի որդի, Ընթերցուածոց գրոց մեկնիչ. եւ ասոր ընկերն Սարգիս Վդ. ճգնաւոր եւ գլուխ վարդապետաց ժամանակին [7] ։ Որոց յետ յիշուին նոյն Աղուանից կողմերը Խոնթկայ որrդի Պետրոս վարդապետ մը, եւ Սքանչելի Յակոբ վարդապետ մը, եւ այլք: Ասոնցմէ քիչ վերջը եւ դարուս ետքերը փայլեցաւ եւ ամենէն անուանի եղաւ Մխիթար Գոշ, որ իբրեւ գերագոյն քան զայլս՝ Մեծ վարդապետն կ՚անուանէր, եւ ԺԳ դարուն սկիզբները վախճանեցաւ, յետ հիմնելու Նոր Գետիկ վանքը, որ եւ ուսմանց նոր վարժարան մ՚եղաւ. եւ յետ հրատարակելու յամին 1184 իր նշանաւոր Դատաստանաց գիրքը, եւ յըստակաբան ու հանճարեղ Առակքը, հանդերձ ուրիշ շատ գրուածովք։ Իր ատենին եւ կողմանց պասգամատուն էր՝ ՚ի խնդրոյ ամենուն, Զաքարիայ մեծ սպարապետին խոստովանաայրն, բարեխօս ու բարերար ամեն վշտացելոց եւ նեղելոց։ Բայց ինքն իր շատ հմտութիւնները եւ վարժմունքը զանազան վանորէից եւ քաղաքաց մէջ փնտռեց, ՚ի Գանձակ, յԱնի, Տփղիս, Կարին , Ձորոյ գետոյ վանքերը եւ ինչուան յարեւմտեան Հայս ալ գնաց, ծածկելով իր վարդապետ ըլլալը. եւ գուցէ Շնորհալւոյ ալ կամ գոնէ անկէ վարժածներուն աշակերտեցաւ, եւ ապա վարդապետաց վարդապետ եղաւ. վասն զի իրմէ սկսած կամ նորէն սկսած կը սեպեն յետին դարուց վարդապետք՝ իրենց վարդապետական գաւազանի յաջորդութիւնը։ 

Բայց առաւել քան զԱնի եւ զԳանձակ , եւ զվանս  Գետկայ եւ անոր մօտ Հաղարծին [8] եւ ուրիշ վանքերը՝ անուանի եղան իբրեւ վարժարան եւ գիտնարան՝ մերձակից եւ զուգավիճակ եւ իբր երկուորեակ Վանքն Հաղբատ եւ Սանահին. Ժ դարուն կիսուն հիմնեալ, հետ զհետէ Բագրատունի եւ Վրացի թագաւորաց եւ Զաքարեանց եւ ուրիշ իշխանաց առատաձեռնութեամբ շէնցան, մեծցան, ճոխացան, մեծաթեմ եպիսկոպոսօք ալ շքեղացան, եւ բազմաթիւ միանձանց եւ վարդապետաց կայանք եւ օթեվանք եղան. բազմաց ալ իբրեւ համալսարան ուսմանց տեղիք։ Այսպիսի պաշտպանաց, փառաց, եւ գիտութեանց համար՝ յիրաւի փառասէրք, հըպարտք, անհաւանք, կէս գիտնականք եւ իմաստակք ալ շատ եղան հօն. այլ եղան եւ ընտիրք վարուք եւ գիտութեամբք ոչ սակաւ՝ ԺԱ-ԺԳ դարուց միջոց. եւ ամենէն աւելի այս ԺԲ դարուս. յորում Շնորհալի ալ շնորհքով թղթակիցներ ունէր ՚ի Հաղբատ, ինչպէս որ անշնորհքներ ալ ունեցան՝ յաջորդն Գր. Տղայ եւ Լամբրոնացին։ Ի կարգի պատմութեանս պիտի յիշեմք Շնորհալւոյն թղթակիցները, Գէորգ Հաղբատայ առաջնորդը եւ Վարդան գովանի վարդապետը։ Նախընթաց դարուն մէջ (ԺԱ) աւելի ծաղկած կերեւի Սանահին վանքն՝ Դէոսկորոս գիտնական եւ արժանաւոր անձին առաջնորդութեամբ, զոր Պետրոս Գետադարձի տեղ կաթողիկոս դրին եւ ապա շուտով ձգեցին, երկու կողմանէ ալ տհաս ընտրութեամբ եւ հաւանութեամբ, յորմէ սրտցաւութիւն եւ մահ պատճառեցաւ ԴԷոսկորեայ։ Իր աշակերտաց մէջ անուանի ելան Անանիա Սանահնեցի, որ Պօղոսի Առաքելոյ թղթոց մեկնութիւն մը գրեց համառօտ, ըստ ոմանց եւ Մատթէի աւետարանին մեկնութիւն, եւ Երկաբնակաց կամ Յունաց դէմ գրուած մը, յորում շարադրութիւնն կըրնայ ընդունուիլ այլ ոչ ոգին եւ կարծիքն. եւ Յակոբ Սանահնեցի որ եւ Քարափնեցի կամ՝ Քարահատայ որդին, որ ընդ հակառակն աշակերտակցին՝ ՚ի Կ. Պօլիս Կոստ. Դուկաս կամ Տուկիծ կայսեր՝ Քրիստոսի բնութեանց խնդրոյն վրայօք Յունաց համաձայն դաւանութիւն տուաւ (1060). զոր Գագիգ Բ թագակորոյս թագաւորն չընդունեցաւ, նեղանալով վարդապետին, իբրու թէ ինքն իր գլխով առանց ազգին մեծամեծաց հարցընելու գործեր էր. թէպէտեւ իրեն պէս թագաժառանգք՝ Արծրունիք Ատովմ եւ Աբուսահլ՝ իրենց աստուածաբան բերան ընտրեր էին զնա։ Ասոր երգածն կարծուի «Յանսկզբնական ծոցոյ Հօր խոնարհեալ» հանգստեան (ԳԿ) շարականը, որ ի ճաշու ժամուն երգուի։ Սա իր ծերութիւնն անցուց յՈւրհա քաղաքի, ուր եւ անկողնին մէջ մեռած կամ սպանուած գտուեցաւ (յամին 1085)։ Տեղւոյն հռչակեալ Տարեգրողն (Մատթ. ՈւռՀ. ) կոչէ զսա, «այր հզօր կորովի. սորա հասեալի ՚ի վերայ հին եւ նոր կտակարանացն Աստուծոյ. ուսեալ եւ հասեալ սորա ՚ի վերայ հռետորական եւ իմաստութեանցն, եւ տեղեկացեալ ամենայն փիլիսոփայական խորին գիտութեանցն… Լացին զնա ամենայն սիրելի մերձաւորք իւր, եւ արարին ժողով զամենայն քաղաքն Ուռհա ՚ի վերայ նորա. եւ մեծաւ հանդիսիւ թաղեցին զնա ՚ի դուռն սուրբ եկեղեցւոյ իւրոյ, ի հիւսիսեան կողմն քաղաքին, իբրեւ նետընկէց մի հեռի ՚ի պարըսպէն»

Յաջորդ դարուն (ԺԲ) եւ մեր պատմական պարագային եւ անկէ ետքը՝ առաջնութիւնն առաւ Հաղբատ, յորում ցկէս ԺԳ դարու յիշուին գիտնական վարդապետք. այլ քան զբնաւ գերազանցեց եւ իբրեւ՚ի ծայր գովութեան հասաւ նախայիշեալն Յովհանէս Սարկաւագ, որ ծննդեամբ էր Գանձակեցի կամի Փառիսոս գաւառէ Արցախոյ, այն ատեն Գանձակայ իշխանութեան տակ, քահանայական ցեղէ. ԺԱ դարուն կիսուն ծնած եւ 1129-ին վախճանած. եւ ինչպես երեւի՝ 40 կամ 50 տարի մը աշխատած է գրաւոր երկասիրութեամբք, անթիւ գրքեր կարդալով գիշեր եւ ցորեկ, մինչեւ ամբողջ օրեր՝ առանց ուրիշ բանի զբաղելու. թուի թէ եւ յունարէնի ալ տեղեկութիւն ունենալով եւ արեւելեան լեզուաց։ Առանձին ոճ մ՚ունի գըրութեան, իմաստասիրական, ոլորուն, սուր եւ սիրուն, եւ խրթնութեամբն հանդերձ յստակ։ Շատ բան գրած է արձակ, քիչ մ՚ալ ոտանաւոր եւ շարական, ճառեր եւ աղօթքներ, պատմական, բնական եւ տօմարական, եւ աստուածաբանական, ամենքն ալ իր հռչակուած անուան արժանի, եւ ինչպէս պատմիչք կ՚ըսեն՝ սորա ամեն խօսքն ալ Գրիգ. Աստուածաբանի ոճոյն պէս արուեստաբան եւ վսեմական է. անոր համար Մեծ իմաստասէր եւ Սոփեստէս կ՚անուանի. գերեզմանին վրայ ալ ի Հաղբատ գրուած է, «Արձանս այս սեմական է Սոփեստոսի Սարկաւագին»։ Մէկ մեծ արդիւնքն ալ է Տօմարի նորոգութիւն մ՚ընելն, եւ անշարժ տարիով տօները հաստատելն, որ Սարկաւակադիր կարգ ըսուեցաւ, որում հետեւին Յայսմաւուրք։ Այս կարգադրութենէն սկսաւ նոր թուական մ՚ալ ՚ի 1084 տարւոյ Քրիստոսի, յորում Հայոց մեծ թուականէն (552) սկսեալ առաջին շրջանն հինգհարիւրեկին կ՚աւարտէր։ Սարկաւագ ցուցուց որ հին Հայք շարժուն եւ անշարժ տարիները գիտէին կանոնել Հայկայ Շրջան անուանեալ պարագայութեամբ, հին Եգիպտացւոց Սոթիական կամ Շնկան շրջանին նման. իր թուականն կոչեցու Նոր կամ Մտրուկ. եւ ԺԲ դարուն գրեալ ձեռագիրք ՚ի Հաղբատ եւ մօտերը՝ շատ հեղ այս թուականս կը գործածեն։ Աստուածաբանական խնդրոց մէջ Շնորհալւոյ եւ Լամբրոնացւոյ ուղղատեսութիւնը կամ զիջողութիւնը չունի. այլ ոչ ալ Անանիայի կամ ուրիշներու նման թշնամախօս. եթէ քիչ մ՚ալ աւելի կամ ուշ ապրէր, եւ Գէորգայ ու Վարդանայ պէս բաղդ ունենար թղթակցելու ընդ Շնորհալւոյ կամ տեսնուելու, յուսալի էր որ իրեն պէս սրամիտ եւ բարեսէր անձն՝ կըրնար նախ իր միտքը բոլորովին հաստատել, եւ ապա արեւելեան կամ հիւսիսային ըսուած վարդապետաց ալ, որք իր խօսքէն դուրս չէին ելնէր, առաջնորդել ՚ի միաբանութիւն։ Ցաւալի է որ իր գլխաոր գրուածոց մէկն դեռ չէ գտուած մեր օրերս, թէ եւ յուսացուի գտուիլն, եւ է իր Պատմութիւնն, յորում ստոյգ . քննութեամբ Սէլչուկեան Թուրքաց ծագման եւ տիրապետութեան վրայ կը խօսէր, մինչեւ ՚ի մահ Մէլիք Շահի եւ անոր ժառանգաց պայազատութիւնը։ Սամուէլ Անեցի իր աշակերտն՝ քանի մը հատուած պահած է այս պատմութեան՝ իր ժամանակագրութեան մէջ [9] ։ Միայն այս հեղինակս է ՚ի ժամանակակիցս՝ որ կըրնայ կշռուիլ Շնորհալւոյ հետ, եւ տաղանդոյ ու հմտութեանց ուժով գերազանցել իսկ, եւ խոյանալ իբրեւ զարծուի նաեւ իր ժամանակէն բարձր. այլ Ներսէս դարձեալ իր հոգեշնորհ արծաթապատ աղաւնեկան սուր եւ սուրբ թեւօք՝ կշռաչափ ընթացքին մէջ՝ ոչ կը թուլնայ ոչ կը ցածնայ, եւ իր ջերմագոյն հոգւովն աւելի հայր է Հայաստանեայց՝ քան թէ Սարկաւագն դաստիարակ բանասիրաց ։ 

Յետ յիշելոյ այսպիսի հանճար մը ՚ի հռչակաւոր եւ մայրաքաղաք կոչուած Հաղբատ, ավելորդ սեպենք ուրիշ երկրորդական վարժապետներ եւ վարժարաններ ալ փնտռելու, եւ դառնամք մեր բուն նպատակեալ պատմութեան։ 



[1] Գիրք Գ. գլ. Թ

[2] Ար. Լաստիվ. ԺԷ։ 

[3] Արիստ, Լաստ. Ժ։

[4] Հիմայ Ղբչախ կ'ըսուի, եւ է Անոյ մօտերը։

[5] Ի զբօսանս բանասիրաց՝ դնեմք հօս մէկմէկ տուն յիւրանքաչիւր կենդանեաց նկարագրէն.

      Ի շունչ Մարդոյն ). - Անմարմին զուարթուն եւ անդադար երգեցիկ սիրեցելոյն. ՚ի մատունս իմանալեացն՝ բերկրական բարբառ եւ աւետաբեր տաւիղ. ՚ի լեզուս պարուց աստեղացն ազդեցութեանն զրոյց, եւ զարթուցման ձայն յօդեալ ՚ի նուրբ շունչս հողմոց՝ բանական ծով, եւ պատրաստական նաւ՝ գոհար բեռամբք, եւ նաւահանգիստ ամենառատ՝ Խօսուն բուրաստան եւ ծաղիկ անթառամ։ Ծածկեալ ՚ի ծոց դշխուհւոյ մօր Սիովնի. հրաշաբեր եւ կաթնաբուխ բանին ստինք՝ ՚ի շրթունս աշակերտեցելոյ երկնաւոր մատենագրին. Զոր Բանիդ աշակերտելովքդ աղաչեմք զտիպ չարազատիդ, զի ջամբեսցես առ իս զկաթնդ բանական, միշտ եւ յարաժամ։

      Ի ձեռսն սուրբ՝ Առիւծուն. Րաբուն իմանալի մեքենայիցն՝ ձեռքդ չորս, որ ունի զվէմն անկեան եւ զհամատարած լարն վիճակի, որով շարժէ զճախարակ բրտի, եւ մատամբքն ոսկի յօրինէ զպարս աստեղացն, որով հիւսէ զծիրանին եւ զերկնագոյնն՝ վասն անխախուտ եւ խօսուն խորանին, սկզբնատպին եւ անփոփոխ օրինադրին, որ եւ շարժէ զտապանակ ինքնաշարժին. յորոյ ձեռինն՝ բնաւ էակքս ՚ի կախ պահին, կապեալքն լուծանին, եւ գառանցն հօտքն մակաղին ՚ի մէջօրէի առ լերամբքն, յորում քարկոծին զլացեալքն: Զոր եւ մաղթեմ զենմամբ գառանցդ, զի առ շինուած սրբոյ խորանիդ՝ պահեսցես զիս միշտ եւ  յարաժամ:

      Ի շունչն սուրբ Եզին։ Տեսակաւ դիմացդ եւ հարաւաբեր շնչովքդ՝ լինի փախուցեալ հիւսիսականն սիգ. որթք սաղարթազարդք եւ տունկք խնկաբերք ՚ի քէն շընչաբերեալ՝ անծախապէս բուրեն. ձագք գարնաբերք եւ ծիծռունք վճիռնաձայնք՝ ՚ի ձայնելդ վճիռն առեալ՝ զգարունն յաւիտենից ճչեն. զոր մաճակալք եւ այգեգործք անկարացան, առ ՚ի կթել  յերկնաթռիչ բարունակէդ՝ որ եբեր պտուղ զպարս աստեղացն եւ զգունդս հրեշտակացն, զոր լծով քո սքանչելի եւ լծակցովդ զարմանալի՝ առ գուբ հնձանին ժողովին եւ ճմլին ՚ի ծոց մեծի արքային։ 

      Զոր եւ համբուրելով իմ զցանկալի դէմսդ սրբոյ Եզինդ, զգարնանաբեր եւ զկենդանարար Շունչդ՝ պահել առ իս աղաչեմ՝ միշտ եւ յարաժամ։

      Ի թեւս Արծւոյն. Գործնականի եւ անտանելի հողմոյ Էին կրողիդ, շնչակապ եւ  բոցայօդ գործնականացն վեհիցն ՚ի վերայ կացողիդ, ՚ի թռիչս պաշտօնասէր աստեղացն՝ կէտ լուսաբաշխ, եւ շունչ պաշտելոյն ազդեցութեամբն. տարակոյսքն գալոյ հողմոյն՝ յայտնութիւն սաստիկ հնչմամբ. եւ վառեալդ առ ՚ի սիրտ անկիզելի նամակաց. եւ ՚ի ծփանս ծովու թռչուն աւետաբեր, եւ նաւ կենդանի՝ բարձեալ միջնողամբ. զոր աստղաճաճանչ եւ հարաւադէտ թեւօքդ գոլով միշտ ժողովարան։ Վասն որոյ եւ զպատուելի զթեւսդ սուրբ աղաչեմ, թռուցեալ զիս ՚ի խորոցս՝ եւ յանապատդ սիրոյ ինձ դադարել, միշտ եւ յարաժամ։

[6] Մեր ձեռքը միայն սկզբնաւորութիւնն հասած է, որ բնագրին պէս տուն տուն բաժնուած կարծուի:

[7] Այս երկուքս ալ Գանձակայ ժամժով փլածին մէջ մեռան, զոր յետոյ պիտի յիշեմք:

[8] Ասոր առաջնորդ էր Գոշի ժամանակակից Խաչատուր Տարօնացին, որ հայկական երգոց խազերը նորոգեց կամ մտուց յարեւելս, ուր խափանուած էր եւ երգեց Պատարագի գեղեցիկ նախերգանքը՝ «Խորհուրդ խորին»։

[9] Սարկաւագայ վրայ առանձին տեղեկութիւն մը հրատարակուած է յ՚Բ Հատ. Յուշիկք Հայրենեաց, 279։