Շնորհալի եւ պարագայ իւր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ.

Ազգատոհմն Շնորհալւոյ. Պահլաւունիք. - Քահանայական տոհմք՝ Լուսաւորչի , Ալբիանու, Մանազկերտեայց. - Կաթողիկոսք։

 

Հայոց ազգին մեծամեծ երախտագործաց շատն՝ նշանաւոր ծագում ալ ունեցեր են, ըստ երկրաւոր յարգի, այսինքն ազնուական ցեղ մը. Շնորհալւոյ ազգատոհմն ալ ամենազնիւ է, այլ գուցէ պատմական հաւաստեաց զահմանէն կ՚անցնին պատմիչք՝ երբ Պահլաւունեաց ցեղը մինչ յԱբրահամ՝ նահապետ կը հանեն, սկսեալ ի Խորենացւոյ . կը) մինչեւ ՚ի Սիմէոն Ապարանեցի, որպէս թէ տիեզերահռչակ Պարթեւաց կամ Արշակունեաց (որք գրեթէ 700 տարի՝ արեւմտեան Ասիոյ մեծ մասին տիրեցին, եւ Ասիոյ առաջին տէրութիւն եւ ազգ եղան), նախահայրն է Աբրահամու ՚ի Քետուրայ հարճէն ծնեալ վեց որդւոց անդրանիկն Զեմրան [1]. զորս՝ երբ չափահաս եղան՝ Աբրահամ խաւրեց դէպ յարեւելս, զատելով յԻսահակայ իր պայազատ զաւակէն։ Արեւելից երկիրն՝ հաւանական կարծեօք է Արաբիա եւ սահմանքն. բայց Հայ պատմիչք կարծեն մինչեւ զԹուրքաստան աշխարհ. գոնէ Եմրանայ (Զեմրանայ) համար կ՚ըսեն, թէ հօն քաշուեցաւ՝ իր եղբայրներէն մէկ երկուքը սպաննելուն համար. եւ հօն ծնաւ իր անդրանիկը Բահլ. այս կամ ասոր նման (Պահլ, Պալխ, Պահալ, եւ այլն) անուամբ շինուեցաւ քաղաք մ՚ալ, որ Պարթեւաց թագաւորութեան մայրաքաղաքն եղաւ, երբ Արշակ Քաջն ապստամբեցաւ ՚ի յաջորդաց մեծին Աղեքսանդրի, ասոր մահուանէն 60 տարի ետեւ, եւ կանգնեց իր անուամբ ծանօթ թագաւորութիւնը, որ եւ Պարթեւաց տէրութիւն կոչի. եւ 60 տարի մ՚ալ վերջը անոր թոռն՝ Մեծն Արշակ՝ իր Վաղարշակ եղբայրը դրաւ թագաւոր Հայոց, 149 տարի նախ քան զՔրիստոս։ Արդ ըստ պատմըչաց մերոց այս մեծ եւ Հզօր ազգն սերունդ է Աբրահամու ՚ի Զեմրանայ։ Գուցէ լաւ եւս էր զանազանել Պարթեւաց եւ Արշակունեաց ծագումը` ՚ի բնիկ Բահլի սերընդոց, զորս կոչեն Պահլաւիկ կամ Պահլաւունիք. բայց ինքն իսկ Խորենացին ալ առանց զանազանելու նոյն կը համարի զՊարթեւ, զՊահլաւ եւ զԱրշակունի. եւ կը պատմէ որ Քրիստոսի տնօրէնութեան սկիզբները, ծանօթ Աբգար թագաւորին ատեն, Պարթեւաց կամ Պահլաւաց թագաւորազանց մեջ շըփոթ եւ կռիւ ընկաւ ժառանգութեան համար, յետ մահուան անոնց Արշաւիր թագաւորին. Աբգար՝ իբրեւ խնամի նոցա եւ խաղաղարար թագաւոր՝ գնաց անոնց երկիրը, եւ ուխտիւ եւ դաշամբ հաստատել տուաւ, որ երեք եղբարց մէջէն անդրանիկն (Արտաշէս) թագաւորէ, իսկ մէկալ եղբարքն յետ թագաւորին ամեն իշխաններէ նախապատիւ ըլլան, եւ իրենց անուամբ նոր ցեղապետութիւնք անուանին, ուստի ցեղ երկրորդ եղբօրը՝ որ կոչուէր Կարն կամ Կարէն՝ անուանեցաւ Կարէնի-Պահլաւ, երրորդին՝ որ էր ՍուրԷն՝ Սուրէնի-Պահլաւ, քոյր մ՚ալ ունէին Կոշմ կամ Կոմշ անուամբ, զոր կին տուին Պարթեւաց տէրութեան մեծ սպարապետին, որ անուանի Պարսից Սիփէհպէտ կամ Էսփէհպէտ, եւ ըստ Հայոց Ասպահապետ, ասոնց սերունդն ալ   ասոնց սերունդն ալ ըսուեցաւ Ասպահապետի Պահլաւ ։ Եթէ անդրանիկ բուն թագաւորական ցեղն (Արտաշիսի) ժառանգ չունենար՝ կարգաւ ասոնց ցեղէն պիտի ըլլար Պարթեւաց թագաւորն։

  Քրիստոսի Գ դարուն սկիզբները՝ երբ Արտաշիր Սասանեան Հին Պարսից ազգէն՝ ապստամբեցաւ ՚ի Պարթեւաց եւ թագաւորին դէմ ելաւ, իրեն հետ միաբանեցան նաեւ Սուրենի–Պահլաւք եւ Ասպահապետի–Պահլաւք. միայն Կարենեան Պահլաւք հաւատարիմ մնացին իրենց բնիկ թագաւորական ցեղին, որուն՝ չկարցաւ ատենին օգնութեան հասնիլ մեր Խոսրով թագաւորն ալ (հայր Մեծին Տրդատայ), այլ իմանալով Կարենեան ցեղին հաւատարմութիւնը՝ հրաւիրեց որ գան ի Հայս եւ ապրին ազատօրէն։ Սակայն առ ժամն բոլորովին հակառակն եղաւ իր փափագանաց. վասն զի թէպէտ Կարենեան Պահլաւկաց ցեղապետն Վեհսաճան՝ ջանաց երթալ ՚ի Հայաստան, բայց Արտաշիր վրայ հասնելով՝ սպաննեց եւ ցեղը ջարդեց. միայն Պերոզամատ անուամբ մէկ փոքրիկ որդին ազատեցաւ իր դայեկաց ձեռօք, Թուրքաստանի խորերը փախչելով։ Ընդ հականռակն Սուրենյան Պահլաւկաց տոհմապետն՝ Անակ՝ հաւանեցաւ Արտաշրի, եւ խաբէութեամբ ասոր թշնամի ձեւանալով՝ եկաւ ՚ի Հայս, եւ դաւով սպաննեց զԽոսրով, թէ եւ ինքն ալ բոլոր իրեն հետ եկողներով կոտորուեցաւ. եւ միայն ՚ի Հայաստան ծնած մէկ երախայ տղայն ապրեցաւ իր դայեկաց ձեռքով, փախչելով Հռոմայեցւոց ինքնակալութեան տակ եղած Փոքր Հայոց աշխարհը։ Քիչ ատենէն այս երկու փախստեայ շառաւիղք Կարնան եւ Սուրենի Պահլաւաց՝ եղան նահապետք Հայոց Պահլաւունեաց, եւ վերադասեցան քան զբազում նախապատիւ ցեղս Հայոց։ Նախ Անակայ որդին Սուրէն՝ քրիստոնէից մէջ մեծնալով՝ անուանեցաւ Գրիգոր, եւ յետոյ եղաւ Հայոց Լուսաւորիչ. իր ցեղն Հայրենական կոչմամբ ըսուեցաւ Պահլաւունիք նաեւ Պարթեւք. եւ արական գծով վեց ազգ յաջորդեցին ՚ի Հայրապետութեան Հայոց՝ ինչուան Ս. Սահակ, որ արու զաւակ չունենալով՝ դստերը փեսայացուց Մամիկոնէից պայազատը, ուսկից էր իր մայրն ալ։ Իսկ Կարենեանն Պերոզամատ՝ թշնամութեամբ ապրելով Արտաշրի եւ Շապհոյ հետ՝ դաւաճանութեամբ մեռաւ. իր որդին որ իրեն հետ պատերազմի մը մէջ զարնուելով՝ գլխուն մի մասն ալ կորուսեր էր, եւ անոր համար Կամսար կ՚ըսուէր ըստ Պարսից (Քէմսէր, պակասագլուխ), շատ տարիներէ վերջը Թուրքաց թագաւորին հետ ալ խռովելով, տնով տեղով ելաւ եկաւ ՚ի Հայաստան , առ Տրդատ թագաւոր, եւ մեծ պատուով ընդունելութիւն գտաւ թէ ՚ի թագաւորէն, թէ իր խնամի Ս. Գրիգորէն, որ եւ յաջողեցաւ՝ յետ ժողովոյն Նիկիոյ , հոգեւորապէս ալ խնամեցընել զնա, հաւանեցընելով քրիստոնէութեան եւ մկըրտելով. մեծն Տրդատ ալ եղաւ անոր կնքահայր. Կամսար քանի մ՚օրէն վախճանեցաւ. Տրդատ՝ անոր անդրանիկ Արշաւիրը՝ ոչ միայն ժառանգ կարգեց, այլեւ տոհմապետ նախարարութեան մը, Կամասարական անուանելով, որու ընծայեց արքունական կալուածներ Այրարատայ մէջ Երասխայ ձորոյն վրայ՝ զոր Արշավիր իր անուամբն կոչեց Արշաւրունիք, որ սովորաբար կ՚ըսուի Արշարունիք. ինչպէս իր ցեղն ալ, թէ Արշարունիք եւ թէ Կամսարականք , եւ երբեմն իրենց էին ծագմամբ՝ Պահլաւունիք։ Այս ցեղս պայազատութեամբ կը յիշուի ինչուան Ը դարուն սկիզբը, անկէ ետեւ Շիրակայ իշխանաց ցեղին հետ խառնուած՝ առանձին չի յիշուիր։ Իսկ Սուրենեան Պահլաւք, այսինքն Ս. Լուսաւորչի ցեղն՝ Ս. Սահակաւ կը զրաւի, եւ կը խառնի Մամիկոնէից ճենական ցեղին:

Բայց շատ հաւանական է որ մէկէն կամ մէկալէն ճիւղ մը, ըլլայ նաեւ կողմնական ճիւղ, սերուած ըլլայ եւ յաջորդաբար հասած, ինչուան  ՚ի Ժ դար, յորում՝ դարձեալ յերեւան կու գան Պահլաւունիք, յետ երկու դար թաքնութեան եւ լռութեան, եթէ ՚ի Կամսարականաց ցեղէն են. եւ չորս կամ հինգ դար՝ եթէ ի Սուրենեան ցեղէն են։ Մեր պատմըչաց խօսից նայելով՝ աւելի այս ետքի ցեղին կընծայուին, այսինքն Լուսաւորչի, բայց ինչ ճիւղով կամ շարքով յառաջ գալն դեռ չենք գտած. միայն հասարակաց վկայութիւնն եւ Գրիգորի Մագիստրոսի ստէպ յիշելն՝ անտարակոյս կ՚ընէ ազգակցութիւնը։ Ինքնին իսկ Շնորհալին ալ թուի թէ չէր կըրցած ստուգել այս ցեղագրութիւնը, այլ իր նախնիքն գիտէին, կ՚ըսէ, որ այն ցեղէն սերեալ են

 

«Սակայն բնութիւն ազգին պահեալ 

Որ Պահլաւիկըն կոչեցեալ

ԹԷ եւ թագուն իմն ամփոփեալ

Յռամիկ ազանց միջի ծածկեալ.

Միայն ինքեանց ներհուն եղեալ 

Որ յայնմ ազգէ գոլով սերեալ.

Որդի ըզՀայր փոխանակեալ 

Մինչեւ առ մեզըս հասուցեալ»:

 

Գր. Մագիստրոս եւ արձանագիրք Հին եկեղեցեաց եւ վանորէից Այրարատայ եւ Շիրակայ կը ցուցընեն այս նոր Պահլաւունեաց նախահայր՝ Արտակ իշխան մը, իբրեւ ՚ի սկիզբն Ժ դարու. վասն զի իր թոռն Գրիգոր-Համզէ կը վկայուի ծնած յամի 941, եւ մեռած յ՚982. ասոր որդիքն , մանաւանդ  Վասակն եւ Վահրամ, կը պայծառանան ՚ի պատմութեան՝ Բագրատունեաց թագաւորութեան վերջի ժամանակը եւ վերջանալէն ալ ետեւ։ Ասոնց ժամանակակից յիշուի Հասան իշխան մը նոյն ցեղէն, բայց չէ յայտ իրեն Հայրն. իսկ որդիքն յայտնի են , որ եւ մէկայլ ճիւղին հետ խնամեցան. այսինքն Հասանայ թոռն Վասակ՝ Գրիգոր Մագիստրոսի դուստրը կին առած է, եւ այս երկու մեծ խնամի իշխանք, Գրիգոր Մագիստրոս եւ Վասակ, կ'ըլլան հարք եւ նախահարք Պահլաւունի նորոգեալ կաթողիկոսաց, յորոց մի է եւ մեր Շնորհալին։ Ամբողջ երեք դարու միջոց (Ժ-ԺԲ) եւ մանաւանդ ԺԱ եւ ԺԲ-ին, անընդհատ մեծագործ եւ մեծաբարոյ պայազատներ ընծայեց այս Պահլաւունի ցեղս, թԷ աշխարհական եւ թէ եկեղեցական իշխանութեամբ, եւ յԱրտակայ մինչեւ ՚ի Գրիգոր Քարավէժ՝ 10 ազգ կամ պորտ են. որք եւ կրնան երեւնալ այս ճիւղագրութեան պատկերիս մէջ [2]. յորում գլխաւոր գիտելիքն, նկատմամբ պատմութեան Շնորհալւոյ՝ են հոգեւոր անձինքն, այսինքն կաթողիկոսունք, որը սկսեալ ՚ի Վահրամայ-Գրիգորէ Բ, որդւոյ Գրիգ. Մագիստրոսի, ՚ի 1065 ամ, մինչեւ ՚ի Գրիգ. Զ Ապիրատ՝ ցամն 1203, զիրար յաջորդեցին, եօթն կաթողիկոսք 138 տարի, ինչպէս որ զարմանալի հանդիպութեամբ իրենց նախորդք եւ նախահարքն ալ ՚ի Դ եւ Ե դարս, սկսեալ ի Ս. Լուսաւորչէն՝ յամի 302, մինչեւ ի Ս. Սահակ՝ ցամն 439, ընծայեցին եօթն կաթողիկոս [3] եւ յաջորդեցին ՚ի միջոցի նոյնչափ 138 տարիներու։ Այսպէս կերպով մը յետ 626  տարիներու Կատարուեցաւ մարգարէութիւնն, կամ խոստումն Աստուծոյ առ Ս. Սահակ, թէ իր ցեղէն նորէն քահանայապետք պիտի ըլլան Հայոց. թէ եւ իր տեսլեան մեկնիչն կամ մեկնութիւնն ուրիշ բան ալ կըրնայ ցուցընել։

Յայտնի է ամենուն որ եկեղեցւոյ մէջ, ամենայն պաշտամունք՝ շնորհօք Աստուծոյ եւ ընտրութեամբ մարդկան կը տրուին, եւ ոչ ընտանութեամբ, կամ՝ աշխարհօրէն ժառանգութեամբ։ Եւ այս է արժանաւոր եւ իրաւացի. թէպէտեւ հակառակն երեւցած է շատ հեղ մեր ազգին մէջ, ոչ միայն Պահլաւունեաց ատեն, այլ եւ յառաջ եւ յետոյ, ինչպէս որ ինչուան մեր դարուս՝ Սսոյ եւ Աղուանից (կամ Գանձասարայ) կաթողիկոսաց վրայ։ Եւ ոչ միայն կաթողիկոսաց՝ այլ երբեմն եւ եպիսկոպոսաց այսպիսի ժառանգութիւնք կ՚երեւին ՚ի պատմութեան. ինչպէս նախայիշեալ ճիւղագրութեան մէջ կ'երեւի Սսոյ Պահլաւունի եպիսկոպոսաց պայազատութիւն մը դար եւ կէս ժամանակի միջոց. իսկ աշխարհին քահանայից նմանապէս ցեղով յաջորդութիւնն ՚ի սկզբանէ մինչեւ հիմայ շարունակուի։ Եւ միայն Հայոց մէջ չէ, այլ եւ ուրիշ արեւելեան ազգք, որոց թոյլ տրուած է ամուսնաւոր երեց ունենալ, թէ այս սովորութիւնս ունին, եւ թէ պատրիարքաց ազգովին ժառանգունթիւն, եղբօրորդեաց կամ մերձաւորաց միջոցաւ։ Ամեն խիղճ կըրնայ վկայել, որ այսպիսի ժառանգութեամբ՝ երբեմն եւ անարժանք եւ անյարմարք՝ ՚ի սրբազան աթոռ ելած ըլլան, որոյ եւ ոչ պատուանդանին մօտենալու բաւական էին, այս նոյն իսկ խղճի վկայութիւնն կը հաստատէ, որ եթէ ժառանգքն կամ՝ յաջորդք յիրաւի արժանաւոր եւ ընտիր անձինք էին, ոչ միայն ՚ի մարդկանէ այլ եւ յԱստուծոյ կոչուած ըլլան ՚ի նոյն. ինչպէս յայտնի կերեւի մեր Պահլավունի կաթողիկոսաց վրայ, որոց նման արժանաւոր հայրապետ չէ ունեցած Հայոց աթոռն։ Երբեմն Յոյնք եւ երբեմն եւս այլք մեղադրած են զՀայս, թէ հրէական օրինաց նմանութեամբ՝ ազգաւ կը քահանայանան, եւ ոչ ըստ Քրիստոսի շնորհընտիր օրինաց. սակայն քանի մը բան ալ պէտք էր դիտէին։ Նախ, որ ոչ ամեն տեղ հաւասար այսպէս կ՚ըլլար ՚ի Հայս, այլ աւելի մասնաւոր տեղուանք կամ աթոռք, մասնավոր պատճառաւ. եւ երկրորդ, որ եկեղեցւոյ սկիզբներն ալ այսպիսի սովորութիւն կ՚երեւի։ Նոյն ինքն մշտնջենաւոր Քահանայապետն մեր Քրիստոս՝ իր ընտրեալ առաքելոց 12 թուոյն մէջ մտուց իր երկու եղբայրները (ինչպէս որ կ'անուանէին մօրաքեռորդիքն) Յակովբ Ալփեան եւ Յուդա Յակովբեան (որ եւ Թադէոս կամ Ղեբէոս), երկու ալ նոյնպէս ազգականքը, Յակովբոս եւ Յովհաննէս Զեբեդեան. թո՛ղ իր 70 աշակերտաց մէջ գտուածները։ Առաքեալք ալ յետ Համբարձման Քրիստոսի՝ ամենէն առաջնոյն Տեառն Եղբայր անուանեալ Յակովբը պատուեցին, դնելով յաթոռ Երուսաղեմի. եւ ասոր նահատակութենէն վերջը՝ 80-ամեայ ծեր եղբայրն Սիմոն յաջորդեց։ Պետրոս՝ գլուխն առաքելոց՝ որ հարազատ եղբայր մ՚ունէր առաքելակից՝ իր Մարկոս որդին կամ որդեգիրը կարգեց յաթոռն Աղեքսանդրիոյ. Պօղոսի եւ քարոզութեան ընկերակցին մէջ շփոթութիւն մ՚ընկաւ . քեռորդւոյ մը պատճառաւ, եւ այլն։ Ասոնց նման ուրիշ օրինակներ ալ կըրնայինք բերել եկեղեցւոյ այլ եւ այլ կողմերէն եւ այլ եւ այլ դարերէ։ 

Գանք մեր ազգին. որոյ մէջ հին ժամանակը, գոնէ Արշակունեաց ատենէն, պայազատական օրէնքն հաստատուած էր ամեն տեղ եւ ամեն պաշտամանց մէջ. եւ շատ ալ հաստատ. հեթանոս Հայք ալ ունէին իրենց պայազատ քահանայութեան գլուխը, Քրմապետը, եւ քուրմերը, ի ցեղէ Վահեւունեաց. ուրիշ քուրմերն ալ նոյնպէս ժառանգութեամբ կը յաջորդէին: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մեր նոր առաքեալն եւ նոր քահանայապետն, որ յամենայնի հեթանոսութեան խոտելի հետքերը վերուց, անմեղադրելին թողուց, (եւ չէր ալ կըրնար ուրիշ կերպ ընել այնպիսի հնապաշտ եւ աւանդապահ ազգի մը մէջ), քահանայական կարգի մեջ ալ նոյն սովորութիւնը սըրբեց թողուց. նախ քուրմերու որդիքները ժողովեց ՚ի կրթութիւն քրիստոնէական ուսմանց, եւ անոնցմէ ձեռնադրեց 12 նախապատիւ եպիսկոպոս, յայտնի է որ բազմաթիւ ալ քահանայ. որոց եկամուտ ալ կապել տուաւ՝ կէս մը թագաւորական ստացուածքէ, կէս մ՚ալ իրենց հին կրօնից օրէնքով՝ ժողովուրդէն մասն եւ նուէրք հանելով։ Կարգն եկաւ Քահանայապետին, որ էր ինքն իսկ. եւ թէ կամաւ թէ ակամայ, ինչպէս որ յանձն առած Էր քահանայապետութիւնը, այսպէս ալ իրեն փոխանորդ եւ յաջորդ դրաւ իր կուսակրօն կրսեր որդին, Արիստակէսը. միթէ առանց ասոր կըրնա՞ր Տրդատայ ձեռքէն ազատիլ, եւ երթալ Սեպուհ լերանց . քարայրից մէջ ծածկուիլ. կամ կարելի՞ էր որ Հայք թողուին իր որդիքը եւ ուրիշ անձ ընտրէին անոնց տեղ։ Նոյն ատեն Աղուանք ալ հաւատացին ՚ի Քրիստոս, քարոզութեամբ Լուսաւորչին. ասոնց ալ քահանայապետ դրուեցաւ իր թոռը, Գրիգորիս, անդրանիկն Ս. Վրթանիսի, թէպէտեւ դեռ պատանի էր։ Նոյն ինքն Վրթանէս ստիպեցաւ յաջորդել իր նահատակեալ եղբօրը, եւ այսպէս իրեն ալ յաջորդեց իր կրսեր որդին Ս. Յուսիկ. իսկ ասոր որդիքն՝ թագաորի թոռունք ՚ի մօրէ՝ անարժան ըլլալով սուրբ աթոռոյն՝ իրաւապէս մերժուեցան, եւ յետոյ անոնց մէկուն որդին՝ Ս. Ներսէս՝ յաջորդեց. ասոր  ալ իր որդին Ս. Սահակ. այսպէս ՚ի Լուսաւորչէն մինչեւ ՚ի սա՝ հինգ կամ վեց ազգ սերընդեամբ։ Եւ երբ ասոնց յաջորդ՝ (կամ հասակին անլիութեան պատճառաւ, կամ իրենց ներկայ չգտուելուն եւ կամ առ ժամն յանձն չառնըլուն պատճառաւ) ուրիշ անձ ընտրել հարկ կ՚ըլլար, այս անձինքն ալ պայազատութեամբ կ՚ընտրէին Լուսաւորչի աթոռակալին ցեղէն, որ էր Ալբիանոս եպիսկոպոսն, գլխաւորն քրմորդւոց եւ եպիսկոպոսաց. բուն իսկ քրմապետին հայրենիքէն, որ էր Յաշտիշատ, որ յետոյ կաթողիկոսաց ժառանգութիւն եւ մայր եկեղեցեաց եղաւ, սակայն հին տեարքն հօն պայազատէին եւ ահա անոնցմէ ելան Փառներսեհ եւ Շահակ, նախ քան զՍ. Ներսէս, յետ նորա մինչեւ ՚ի Ս. Սահակ՝ նոյնպէս նոյն ցեղէն Յուսիկ կամ Շահակ, Զաւէն եւ Ասպուրակէս երեք եղբարք։

Յետ մահուան Ս. Սահակայ հարկ էր նոր օրէնք եւ կարգ մը հաստատել քահանայապետութեան։ Ս. Սահակ իրեն առժամանակեայ փոխանորդ թողեր էր զՍ. Մեսրովպ՝ Հայոց վարդապետը, որ արդէն լի հասակաւ՝ հազիւ վեց ամիս իբրեւ տեղապահ կալով, ինքն ալ մահուան ատեն փոխանորդ կամ տեղակալ ցըցուց զՅովսէփ երէց: Այս միջոցիս ոչ միայն Լուսաւորչի ցեղն պակսեր էր յօրինաւոր ժառանգէ, այլ եւ Հայոց թագաւորութիւնն եւ ինքնիշխանութիւնն վեցուած: Հանդիսապէս կաթողիկոս ընտրելու դըժուարութիւն մը կար՝ նկատմամբ Պարսից թագաւորաց, որ ատենօք Ս. Սահակայ ընտրուիլն ալ յանցանք մը սեպեցին մեր Խոսրով Գ թագաւորին եւ նոյն ինքն Սահակայ. իսկ հիմայ որ արդէն տիրած եւ թշնամացած էին Հայոց եւ կ՚ուզէին ՚ի մոգութիւն դարձընել, անկարելի էր վայելուչ կերպով մը հայրապետ դնել, ուստի Ս. Յովսէփ իբրեւ տեղապահ կաթողիկոս կեցաւ 12  կամ 14 տարի, առանց ձեռնադրվելու եպիսկոպոս, նահատակութեամբ պսակուելով, եւ մեծագոյն արդեամբք իրմէ վերջը՝ դարձեալ քանի մը սակաւածանօթ կաթողիկոսք՝ (Մովսէս, Մելիտէ) հին օրինօք, Լուսաւորչի ցեղին պայազատաց միջոց աթոռակալաց նման, նոյն ինքն Ալպիանոսի քրմապետական ցեղէն ընտրեցան: Գուցէ եւ այն փառամոլ երէցն Սուրմակ Արծկէացի, որ յանդըգնեցաւ Ս. Սահակայ Հակառակաթոռ կանգնիլ, Պարսից թագաւորին եւ ոմանց նախարարաց հաւանութեամբ, այսպիսի ցեղական իրաւունք մ՚ունեցած ըլլայ. վասն զի հայրենիքն ալ գրեթէ սահմանակից է վերոյիշեալ քահանայապետաց ցեղական երկրին. եւ նոյն ինքն յետոյ Բզնունեաց աթոռոյն եպիսկոպոս ըլլալով՝ ազգաւ զնոյն իր ցեղին ժառանգեցուց, Պարսից թագաւորին հաստատութեամբ։ Հաւանելի է որ իր ցեղէն ըլլայ նաեւ Սամուէլ կաթողիկոս՝ յետ Բաբգենի Զ դարուն սկիզբներ. իսկ Բաբգէն՝ յաջորդն Յովհ. Մանդակունւոյ եւ ասոր նախորդն Գիւտ՝ յաջորդ Ալբիանոսեան կաթողիկոսաց՝ երկուքն ալ Վանանդացի Էին յՈթմսու գիւղէն, եւ անշուշտ ազգակից իրարու։ Այս գեղէն էին նաեւ Իսրայէլ կաթողիկոս ՚ի թուին 667, Տրդատ Ա ՚ի թուին 141։ 

Մինչեւ ասոնց օրը՝ Հայոց մէջ դեռ ինքնիշխաննութեան կամ քաղաքական պայազատութեան երեւոյթ մը կար. վասն զի յետ բարձման Արշակունեաց՝ Ս. Վարդան Մամիկոնեան սպարապետն՝ Հայոց գլուխ եղաւ ընդդիմանալով Պարսից. նոյն ընդդիմութիւնը շարունակեց եղբօրորդին Վահան, եւ յաջողեցաւ Հայոց մարզպան ըլլալու. նոյնպէս իրեն ալ յաջորդեց կրսեր եղբայրն Վարդ։ Ասկէ ետեւ պայազատական իշխանապետութիւնն վերցաւ ՚ի Հայոց, եւ Պարսից թագաւորին ընտրութեամբ Հայոց մարզպան կը դրուէր, երբեմն Հայ երբեմն Պարսիկ։ Մի եւ նոյն ժամանակ Հայոց քահանայապետութեան ցեղական ընտրութիւնն ալ կը դադրի. եւ անկէ ետեւ անխտիր ընտրութեամբ կը յաջորդեն. թէ եւ ընդհանրապէս շատք՝ Այրարատեան միջնաշխարհէն ընտրուած են քան յեզերական աշխարհաց՝ մինչեւ որ նորէն Հայոց ինքնիշխան եւ պայազատական տէրութիւնն նորոգեցաւ Բագրատունեաց թագաւորութեամբ, Թ դարուն վերջերը։ Այնպէս մը կերեւի թէ քաղաքական ժառանգաւոր իշխանապետութիւնն՝ Եկեղեցականին ալ թույլ կու տար ՚ի Հայս, եթէ աւելի բան չըսենք. այս յայտնի է որ ինքնագլուխ Հայ ազգապետն կը Հաստատէր զկաթողիկոս ազգին եւ կը ձգէր յաթոռոյն, թէ եւ ոչ առանց ժողովոյ կաթուղիկոսն ալ միշտ յետ թագաւորին առաջին պատուական անձն էր ի Հայս, եւ առանց իրեն չէր դրուեր թագաւոր։

Արդ Բագրատունեաց թագաւորութեան սկիզբը ետ մահուան Գէորգայ Բ (որ օծեց առաջին երկու թագաւորները), անոնց բարեկամ մեծանուն եւ գիտնական ճգնաւորն Մաշտոց դրուեցաւ կաթողիկոս, յայտ է որ արքունեաց կամօք. եւ երբ քանի մ՚ամսէն վախճանեցաւ, յաջորդեց անոր ազգականն Յովհան Զ Պատմիչն, ինչպես ինքննին կը վկայէ սա։ Իր ցեղէն Էր եւ Ստեփանոս Գ, որ կէս դար մը ետեւ գահակալեց։ Իսկ Յովհաննու անմիջական երկու յաջորդաց ցեղն չի յիշուիր, բայց երկրորդին (որ է Թէոդորոս Ա, 926), յաջորդ դրուեցաւ անոր եղբայրն Եղիսէ. որ որչափ ընդունելի էր ոմանց, այլոց անհաճոյ երեւեցաւ: Ասոնցմէ, եւ մանաւանդ ասոնց յաջորդ Անանիա Մոկացիէն՝ կը սկսի ցեղական պայազատութիւն մը, որ երթալով աւելի հաստատեցաւ, Անանիային յաջորդն եւ իր հակաթոռն կրօնական շփոթութեանց պատճառաւ՝ մերժուեցան եւ շուտով մեռան. զաթոռը բռնեց Անանիայի քուերորդին Խաչիկ Ա, որուն, թէպէտ անմիջական յաջորդ ուրիշ մ՚եղաւ, (Սարգիս Ա), այլ յետոյ Պետրոս՝ Խաչկայ եղբայրն ժառանգեց աթոռը, եւ թագաւորական պերճութեամբ զարդարեց երկայն տարիներ, թէ եւ շատ դիպուածներ անցան գլխէն, եւ Բագրատունեաց թագաւորութիւնն ալ վերցուելով յօտար uահման, ՚ի Փոքր Հայս փոխադրեցաւ կաթողիկոսական աթոռն, զոր Յոյնք բոլորովին ալ գրաւել կը ջանային, եւ կը սպասէին Պետրոսի մահուան։ Իսկ խորագէտ եւ ազգանախանձ ծերունին յառաջ քան զվախճանելն՝ իրեն յաջորդ ձեռնադրեց զքեռորդին Խաչիկ Բ (1058), եւ Հայք ամենայն յօժարութեամբ ընդունեցան, եւ իրենց օրինաւոր եւ անմերժելի կաթողիկոս կը ճանչնային՝ անոր տարագրութեան ատենն ալ ՚ի Կ. Պօ լիս։ Կայսերք կամ Յոյն  եկեղեցին տեսնելով, որ այս անգամ ալ չյաջողեցան իրենց փափագին, Հայոց աթոռը Յունաց պատրիարքութեան ներքեւ ձգելու, մնացին Խաչկայ մահուան, առաջուց իմացընելով, որ պիտի չթողուն ուրիշ կաթողիկոս դնել տալ, առանց հաւանեցընելու զՀայս իրենց կամաց։ Եւ այսպէս ալ ըրին երբ մեռաւ Խաչիկ. երկայն ամիսներ, եւ ըստ ոմանց տարիներ, արգելլով զՀայս ընտրութենէ կաթողիկոսի։ Եթէ ազատ ըլլային Հայք՝ հաւանօրէն Խաչկայ պիտի յաջորդէր Սարգիս, որ կամ իր եղբայրն էր, կամ մօրքեռորդին, եւ որ յիրաւի յետոյ (1074–7) թոյլտըւութեամբ Գրիգորիսի Վկայաuիրի կամ բռնութեամբ Փիլարտոսի՝ առանձին կաթողիկոս նըստաւ ի Հոնի։ Սակայն այս արգելքն ոչ միայն չկարցաւ խափանել Հայոց ինքնագլուխ քահանայապետութիւնը, այլեւ պատճառ եղաւ աւելի հաստատուն եւ ապահով ընելու զնոյն իրենց հին  եւ առաջին սրբազան քահանայական տոէմի մէջ, որ է Պահլաւունի ցեղն` Մեծացն Գրիգորի, Ներսիսի եւ Սահակայ. որոց ոչ սոսկ անունը այլ եւ արդիւնքը նորոգեցին, նորացուցին՝ արժանաւոր վարուք, գիտութեամբ եւ գործով. որով՝ բաց ՚ի սակաւ եւ կարճատեu նախանձորդներէ, ոչ ոք կըրցաւ զլանալ իրենց պատիւը, եւ դժարիլ այնպիսեաց ցեղական պայազատութեանը։ 

Գրիգոր Ապիրատի մահուամբ (1203) վերջացաւ երկրորդ Պահլաւունեաց քահանայապետութիւնն. անոնց յաջորդն Յովհաննէս՝ կամ ասոնց կամ Ռուբինյան իշխանապետաց ազգական կարծուի՝ իրմէ վերջ ալ ատեն ատեն կերեւի ժառանգական յաջորդութիւն. ինչպէս ԺԴ դարուն մէջ յիշուի Գրիգորի Է (Անաւարզեցոյ)՝ անոր քուերորդին Յակոբ Բ, յետ երկուց Կոստանդեանց. իսկ վերջին դարերուս Աջպահից յաջորդութիւնն ՚ի Սիս՝ ամենուն յայտնի Է։ Էջմիածնի կաթողիկոսաց մէջ այս ցեղական պայազատութիւնն չըկայ. այլ անոր տեղ ԺԶ եւ ԺԷ դարուց մէջ կամաւոր ընտրութիւն յաջորդի եւ աթոռակցութիւն երկու եւ երբեմն երեք կաթողիկոսաց։ 



[1] Մեր պատմիչք Եմրան կ'անուանեն զսա, անուան Զ գիրը նախդիր կարծելով եւ ոչ բնական: Խորենացին չըսեր թէ Պարթեւք ասոր որդիքն էին, այլ անորոշաբար Քետուրայի որդւոց համար կըսէ. «Յորոց սերեալ ազգ Պարթեւաց», եւ այլն

[2] Առանձին պատկերաւ ցուցուած ցեղագրութեան մէջ, կը տեսնուին 10 ազգ կամ պորտ, յԱրտակայ մինչ ՚ի Գր. Քարավէժ եւ ՚ի Ներսէս Լամբրոնացի. առաջին վեցն ուղիղ գծաւ, վեցերորդէն կը սկսի երկու գծից խառնուրդ. այսինքն Գր. Մագիստրոսի դուստրն եւ դստրայրն՝ նոյն Պահլաւունի ցեղէն են, այլ տարբեր ճիւղերէ. նոյնպէս Վասլի (Շնորհալւոյ եղբօր) փեսայն ալ (Քարավէժի հայրն) Պահլաւունի է, այլ որոյ որդի ըլլան մեզ անյայտ, նոյնպէս Պահլաւունի Է Մագիստրոսի միւս դստրայրն Վասակ որդի Ապիրատայ որդւոյ Հասանայ, այլ այս ետքինիս հայրն անծանօթ է։ Նոյն Արտակեան Պահլաւունի արմատէն շառաւիղեալ թուի եւ Գէորգ իշխան մը, որոյ որդին Աշոտ իշխանաց իշխան + է յամի՝ 1002. ասոր որդին է Վահրամ՝ այրն Սեդայ՝ քրոջ Գ. Մագիստրոսի։ Ասոնցմէ վերջ յիշուի Հասան Մագիստրոս մ՚ալ, հայր Ապիրատայ (1176), որոյ որդիք են Գրիգոր (1179) եւ Բարսեղ Եպիսկոպոս Անոյ, + 1205, եւ այլն։ Մեր պատկերին ժամանակէն վերջ յիշուի Գրիգոր Եպիսկոպոս Անոյ (1215) որդի Ապուղամրի: Դարձեալ յիշուին

      Վահրամ--------- Գր, Մագիստրոս, տէր՝ Բգնայրի , 1233

      Ապիրատ ------- Շարապշած, 1254(կին՝ Թագուհի)--- Թայիկ Թագուհի , 1262

      Ապիրատ ------- Սարգիս Եպիսկոպոս Անւոյ , 1209

      Թերեւս այլք կարենան ասոնց մերձաւոր ազգակցութիւնն ալ գտնել։

      Երկու կարեւոր սերունդ ալ պէտք էր աւելցընել պատկերիս. որք են կինն Թոռնըկայ Մամիկոնեան՝ Սասնոյ տիրոջ, եւ կինն Մլեհի Ռուբինեան. վասն զի Թոռնիկ փեսայ կոչուի Գր. Վկայասիրի, Մլեհ՝ Գր. Տղայոյ, այլ չկարնալով ստուգել թէ կանայքն դուստր են թէ քոյր յիշեալ կաթողիկոսաց՝ չկարցանք զետեղել։ Շնորհալւոյ եղբօր Շահանայ դուստրն ալ ազգածնաց կարգը դրինք, վասն ցուցընելու Ս. Ներսիսի Լամբրոնացւոյ ծագումը։ Իր աւագ եղբօր Վասլի մէկ դուստրն ալ՝ վերոյիշեալ Թոռնըկա թոռնորդւոյն՝ Ճորտուանելի կին եղած՝ եւ մայր է երկու իշխանաց, որք ստիպուելով թողուլ իրենց երկիրը (Սասունք) եկան ՚ի Կիւլիկիա, խնամեցան ընդ Ռուբինեանց եւ իրենց քեռւոյ Գր. Տղայոյ հետ մէկ ամսուան մէջ մեռան, ոմանց կասկած ոալով անբնական մահուան։

[3] Համարելով նաեւ զՍ. Գրիգորիս, որ եղաւ Աղուանից կաթողիկոս, բայց ոմանք՝ նաեւ Հին գաւազանագիրք՝ զնա ալ կ՚անցընեն ի շար կաթողիկոսաց Հայոց. ընդ հակառակն Լուսաւորչի ցեղէն չեղող աթոռակալները դուրս կը հանեն, անոնց տարիները աւելցընելով Ս. Ներսիսի վրայ, եւ ասոր ութամեայ Հայրապետութիւնը 34 տարի կը հաշուեն