Շնորհալի եւ պարագայ իւր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ը.
Փոխադրութիւն կաթողիկոսական աթոռոյ ՚ի Ծովք Դղեակ: Քաղաքական վիճակժամանակին ՚ի սահմանս բնակութեան Շնորհալւոյ եւ ՚ի Մեծ Հայս։

 

Շնորհալւոյ Վիպասանութեամբ մատենագրութիւն սկսելէն, որ է 1121 թուականէն, մինչեւ 15 տարի, երիտասարդութեան միջոցը, ծածկուած կը մնայ մեզմէ, պատմական յիշատակ մը չենք գտած այս տարիներուն, այլ կը համարիմք զնա թաքուցեալ այն խորհրդական եւ սրբազան առանձնութեան եւ լռութեան մէջ, յորում եւ փըրկիչն եւ վարդապետն աչխարհի` տէր մեր Քրիստոս, ծածկուած եւ լռած մնաց ի տան Մօրը, մինչեւ ըստ աշխարհի կատարեալ հասակաւ՝ ելաւ ՚ի . քարոզութիւն։ Այս տարիներուս մէջ Շնորհալի իր ուսումնական կրթութիւնն աւարտած եւ իր կաթողիկոս եղբօր օգնական ըլլալ սկսած է։ Մէկ միայն դիպուած մը կը յիշուի այս միջոցիս. եւ է կաթողիկոսութեան աթոռոյն տեղափոխութին։ 

Ասոր տարագրութիւնն ՚ի հայրենի աշխարհէն եւ ՚ի միջոյ բազմութեան բնիկ ժողովրդեան՝ բաբելական գերութենէն երկար քշեր էր. 80 տարիէ աւելի էր. կաթողիկոսք եւ հաւատացեալք փափագէին դառնալ նորէն ՚ի Մեծն Հայաստան եւ ՚ի վերջին մայրաքաղաքն Անի, որ դեռ թագաւորական շնորհքով պայծառանայր, եւ ուր դեռ քիչ առաջ Բարսեղ իբրեւ կաթողիկոս կը նստէր. Գրիգորիս ալ փափագէր իր նախնեաց եւ ազգականաց քով երթալ, եւ ազգին կենդրոնը կենալ, եւ արդէն գաղտուկ բանագնացութիւն ըրեր էր Անոյ իշխող ամիրային Ապուլ-Սուարայ հետ, եւ հաւանութիւն առած էր. եւ մինչդեռ յարմար ժամանակի  կը սպասէր, Անոյ բնակիչքն այս բաներս չգիտնալով, եւ իրենք ալ իրենց կերպով օտարի իշխանութենէն ազատիլ եւ քրիստոնեայ իշխանի ձեռք անցնիլ ուզելով, ծածուկ դաշնակցեցան Վրաց Դավիթ թագաւորին հետ, որ յանկարծուց եկաւ զօրօք Անի. քաղաքացիք ընդունեցան, մատնելով անոր ձեռքը զԱպուլ-Սուար եւ որդիքը, զորս Դաւիթ տարաւ արգիլեց բերդի մը մէջ ՚ի Վիրս, ուր եւ մեռան նեղսրտութեամբ։ Բայց քիչ ատենէն ինքն Դաւիթ ալ մեռնելով՝ Ապուլ–Սուարայ երեց որդին Փատլուն եկաւ պաշարեց զԱնի, եւ յետ երկար ընդդիմութեան եւ սովոյ՝ առաւ, ու հօրն եւ եղբարց մահուան վրէժը պահանջեց։ Այս բանս լսելով Գրիգորիս կաթողիկոս շատ նեղացաւ Անեցոց անխոհեմ գործոյն, որ իր դիտաւորութիւնն եւ գործն ալ ունայնացուց. վասն զի ալ չէր համարձակեր Փալունէն նոյն ընդունելութիւնը գտնել ինչ որ խոստացեր էր անոր հայրն, այսպէս չարաչար մատնեալ եւ մեռեալ։ Անին ալ այն առթով շատ մարդ եւ վայելչութիւն կորուսեր էր։ Արդ հարկ եղա Գրիգորիսի որ նորէն իր եղած երկրին մէջ ուրիշ յարմարագոյն տեղ փնտըռէ Հայոց հայրապետական աթոռոյն։

Իր առաջին նստած տեղն հաւանօրէն էր այն Շուղր անապատի վանքը, ուր եւ Բարսեղ նստէր հրամանաւ Մեծ Վկայաuիրին. կամ թէ երբեմն հօս եւ երբեմն ՚ի Կարմիր Վանս նստէին երկոքին հարազատքն, Գրիգորիս եւ Ներսէս. որք երբ լսեցին Անոյ նորէն նուաճիլն ՚ի Փատլունէ յամին 1125, ելան, եկան իրենց ծննդեան տեղը եւ հայրենի տունը, ՚ի Ծով, զոր հայրերնին Ապիրատ ամրացուցեր էր` իրենք ալ նորէն նորոգելով՝ հօն հաստատեցին քառորդ դարու մ՚ալ Հայաստանեայց տապանակը որով հարկ է մեր եկեղեցական աշխարհագրութեան մէջ նշանաւոր կէտ մը սեպել զայս, եւ սրբազան յիշատակներ ալ փընտռել հօն։

 

Այլ դժբաղդաբար եւ ոչ իսկ տեղն որոշակի կըրնամք նշմարել վասն զի թէ եւ ինչուան հիմայ կարծուէր, թէ այս տեղս պիտի ըլլայ Խարբերդի եւ Արզնոյ միջոց եղած Ծովք լըճին մէջ, որ հիմայ Կէօլճիւկ կ՚ըսուի յայլազգեաց, սակայն հին պատմըչաց կարճ յիշատակներն, եւ քաղաքական վարչութիւնք ժամանակին՝ չեն ներեր այսքան հեռու տեղ փոխադրել մեր հայրապետները եւ իրենց աթոռը. վասն զի եթէ այն (Խարբերդու) կողմերն ազատ եւ հանգիստ ըլլային Թուրքաց ձեռքէն՝ աւելի յարմար եւ աւելի կեդրոնագոյն հայկական տեղ մ՚ալ կըրնային երթալ մեր հայրապետք, ինչպէս որ փափագեին իսկ. իսկ եթէ Թուրքաց իշխանութեան տակ էին, (եւ էին հաւաստեաւ), չէին կըրնար հօն երթալ։ Արդէն այն սակաւ պատմական յիշատակքն, եւ նոյն իսկ Շնորհալին թէ՛ վիպասանութեան մէջ, թէ՛ 30 տարի ետեւ Հաւատոյ բանին յիշատակին մէջ՝ զԾով միշտ Դղեակ կ՚ըսէ, եւ ոչ երբեք լըճի նըկարագիր կու տայ։ Ուրեմն այս տեղս իրենց առջի բնակած տեղէն՝ Սեաւ լերանց վանքերէն՝ շատ հեռու չէր. Աթոռն քիչ քիչ կամ իբր ոտն առ ոտն կը տեղափոխէր. հաւանօրէն Մարաշու եւ Անթապու միջոց տեղ մ՚էր. վասն զի հաստատութեամբ կ՚ըսուի որ Անտիոքայ Լատին իշխանութեան uահմանն էր , եւ յատուկ գաւառն Տլուք կ'ըսուէր, եւ տաքարիւն մօսլէն Պռանկ իշխանին կալուած էր. եւ գուցէ ուրիշ Կէօլճիւկ լճի մը մօտ (Կեավուր Կէօլճիւկ), ուր եւ  հնախօս աշխարհագիրք դնեն զՏլուք աւանն: Թէպէտ բաւական ամուր էր տեղն, այլ ոչ շատ, եւ ոչ ալ ընդարձակ, վասն զի Փոքր Դղեակ կոչուի. այլ այն ատեն իրենց համար յարմար եւ չափաւոր երեւցաւ. իսկ մեզ համար շատ ցանկալի է հետաքնընութիւն թէ այս տեղւոյս եւ թէ բոլոր Սեաւ Լերանց բազմաթիւ վանորէից, որք ԺԱ-ԺԳ դարուց Հայոց ամենէն սրբազան եւ գիտնական դադարքն էին. եւ որոց վրայ այսօր թանձր վարագույր մը քաշուած՝ կը ծածկէ, ո՞ գիտէ որպիսի՛ եկեղեցեաց եւ շինուածոց նշխարքներ, ո՞րքան յիշատակաց արձանագրութիւն, եւ հռչակաւ անմահանալի անձանց՝ մոռացեալ մահու քարեր։ 

Ի՞նչ էր արդեօք այս տեղափոխութեան պատճառն. մասնաւոր դիպուած մը չեմք գիտեր, բայց հաւանական է այն միջասահման երկրին համօրէն վրդովումն եւ բռնաբարութիւն ՚ի զանազան ազգաց եւ ՚ի բազմաթիւ տիրապետաց՝ եւ վախ՝ անհաստատ եւ անստոյգ ձեռաց մէջ ինկնալու։ Վասն զի յետ մահուան մեծ իշխանին Գող Վասլի՝ (1111) իր քեռորդին Տղայ Վասիլն իշխեց Քեսնոյ եւ սահմանաց, բայց ոչ յերկար՝ իրմէ զօրաւորներն կոխեցին իր սահմանները. խոյս տուաւ գընաց առ աներ իւր Լեւոն՝ թոռն Ռուբինի՝ մեր ազգին կիւլիկեան հարըստութեան նահապետին. այն ալ չափէն աւելի ուժով մը բռնեց զինքը եւ արգիլեց։ Իր իշխանանիստն Քեսուն՝ ինչպէս եւ Մարաշ՝ ընկան Եդեսիոյ Լատին կոմսից իշխանութեան տակ, որուն այն ատեններն յաջորդեր էր եւ առաջին եւ քաջն Ժոսլէնի որդին Ժոսլէն Բ, որ  հետո թողուց այն տեղուանքը իրեն պէս տաքարիւն եւ անխոհեմ, այլ իրմէ քաջ իշխանի մը, որ  էր Պալտին՝ եղբայր Ռեմունդի՝ բրնձին Անտիոքայ։ Այլ չկըրցան ինչուան ետքը պահել իրենց կալուածքը՝ այլազգեաց յափշտակութենէն. նախ Քեսուն կորաւ, Կեսարիոյ եւ Մելիտինոյ տիրապետող անուանի Տէնիշմենտին ցեղէն Մահմուտ սուլտանին ձեռքով, որ յամին 1136 աշնան ատեն եկաւ պաշարեց զՔեսուն, չորս դին աւրըշտըկելով. այլ լսելով որ Պալտին՝ Յունաց (Յովհաննէս) կայսեր դիմեր է ՚ի Կիւլիկիա, եւ նա խոստացեր է օգնել. թողուց զբերդաքաղաքը, եւ անոր տեղ մեր կաթողիկոսաց սրբացուցեալ Կարմիր վանքը այրեց եւ աւրեց, միանձանց խրճիթներ եւ եկեղեցեաց սուրբ սպասները փճացուց, գնաց. թողլով այն հռչակաւոր տեղը՝ «որպէս տատրակ սգալից միայն մնացեալ ՚ի զուգակցէ, կամ որպէս զագռաւ զազրատեսակ նստեալ ի վրայ կոթողոյ», ինչպէս կ՚ըսէ պատմիչն (Մատթէոս)։ Սակայն Պալտին վստահ չըլլալով տեղը անվտանգ պահելու՝ զօրքերն առաւ գնաց Եփրատայ կողմի ամրոցները. մնացին Հայք իրենք իրենց, Վահրամ անուամբ դըքսի մ՚առաջնորդութեամբ, որոյ օգնական եւ խրախուսիչ էր Գրիգոր երէցն, Մատթէոսի պատմութեան շարունակողն. այլ երկու տարի մ՚ետեւ (1140) ուրիշ Թուրք զօրավար մը Գարա–Ասլան անուն, այն կողմերէն անցնելով եւ իմանալով որ բաւական պաշտպանող չունի Քեսուն, մնացողներն ալ իրմէ վախցեր փախեր են, 30 մարդ խաւրեց եւ այրել տուաւ քաղաքը՝ դռներով եւ Մեծ Վասլի շինած բարձրայարկ ապարանօք, եւ թողուց գնաց։ Քանի մը տարի ալ այսպէս անստոյգ վիճակով քրիստոնէից ձեռք մնալէն ետեւ՝ Իկոնիոնի Սուլտանն Մասուտ տիրեց անոր եւ սահմանացը:

Շնորհալւոյն գրեթէ բովանդակ կենաց միջոց՝ այն կողմերն ուր ապրեցաւ եւ մերձաւոր սահմանքն, մեծ շարժման եւ անհաստատ վիճակի մեջ էին, վախով եւ յափշտակությամբ չորս գլխաւոր ազգաց։ Ասոնց առաջինն էր Յունաց ազգն, ՚ի վաղուց բնիկ տէր, իբրեւ պայազատ արեւելեան ինքնակալութեան, որ արդէն սկսեր էր կողոպտուիլ եւ նուազիլ, նախ յԱրաբացւոց, յետոյ ի Սէլչուկեան Թուրքաց, որք զանազան ամիրաներ եւ սուլտաններ հասաատել էին Միջագետաց, Ասորւոց եւ Փ. Ասիոյ գաւառաց մէջ։ Ասոնք էին երկրորդ եւ ամենէն ահարկու ազգն, ասոնց զօրաւոր տէրութիւնքն էին Իկոնիոնի (Ղօնիա) սուլտանն, Սեբաստիոյ եւ Կեսարիոյ ՏանիշմԷնդն, Հալպայ եւ Դամասկոսի սուլտանք կամ` ամիրայք, եւ Հաշիշի աւազակք Լեռնաբնակք, Անտիոքայ եւ Տրիպօլեայ իշխանութեանց միջոց։ Երրորդ էին Լատինք, որք ԺԱ դարու վերջին տարիները՝ Ա. Խաչակրաց յաղթողական շահատակութեամբ՝ տիրեցին զատ ՚ի Պաղեստինոյ՝ նաեւ Անտիոքայ, Եդեսիոյ, Տրիպօլեայ, Տիւրոսի [1], Սիդոնի, եւ այլն, եւ Եփրատայ արեւմտեան գաւառաց ընդ մէջ Հայոց եւ Ասորւոց. եւ զանազան կոմսեր եւ բրինձեր (prince) հաստատեցին այն կողմերը, որք ոչ միայն ընդ Թուրքաց եւ Յունաց կռուէին, այլ եւ երբեմն իրարմէ խլէին իրենց յանկարծագիւտ կալուածները։

Իսկ չորրորդ ազգն էր մերս Հայոց , որք յետ Յունաց եւ ըստ մասին հաւասար՝ այն կողմերու  բնական ժողովուրդ եղեր էին. ոմանք ալ բռնական. վասն զի կամաւ եւ ակամայ գաղթելով ՚ի Մեծ եւ յարեւելեան Հայաստանէ, նախ խաղաղութեամբ բնակեցան Ա եւ Գ անուանեալ Հայոց միջոց. յետոյ երբ Յոյնք սկսան թշնամենալ՝ հաւատոյ խնդրոց պատճառաւ, եւ Թուրքք զօրանալ Մելիք շահի աշխարհակալութեամբ, Հայք երկու կողմէն նեցուելով, ստիպուեցան զէնքով իրենց ճամբայ բանալ, Փ. Ասիոյ հին հարաւային գաւառաց՝ Փռիւգիոյ, Իսաւրիոյ, Պամփիւլիոյ եւ Կիւլիկիոյ ամրագոյն տեղերը ապաւինիլ, Տօրոսի եւ Անտիտօրոսի կիրճերը եւ սարերը իրենց ապաստան ընտրել նիզակաւ եւ աղեղամբ uահմաննին անմերձենալի ընե. եւ յետ այնորիկ քիչ քիչ բարձրերէն իջնել եւ Կիւլիկիոյ գեղեցիկ դաշտերուն մէջ ոտք դնելով՝ մղել զՅոյնս, եւ տիրել նախ բերդից եւ ապա մեծ եւ անուանի քաղաքաց, Անարզաբայ, Մամեստիոյ եւ նոյն իսկ մայրաքաղաքին Տարսոնի, եւ միանգամայն լերանց, դաշտաց եւ ծովափանց։ Սակայն այս բանիս յաջողութիւնն եւ հաստատուն ու կանոնաւոր տիրապետութիւնն՝ հարիւրամեայ դարու ժամանակ մը պահանջեց ՚ի Հայոց: Շատ ջանք եւ ճարտարութիւն, երբեմն եւ խորամանկութիւն, մեծամեծ նեղութիւններ եւ ավելի մեծ քաջութիւններ. միով բանիւ, շատ արիւն իրենցմէ թափեցին, եւ ալ աւելի օտարներէ. մինչեւ որ կանգնեցաւ Ռուբինեանց քաջաժառանգ տէրութիւնն եւ թագաւորութինն։ Ահա այս հարիւրամեայ բազմաշփոթ եւ բազմակռիւ ժամանակին մէջ Շնորհալին ապրեցաւ, իբրեւ առապար եւ կոշկոռոտ երկրի մը մէջ արծաթափայլ վտակ մը սողոսկելով եւ սահելով, ժայռերէ եւ խոչերէ արգիլուելով, եւ ոչ առանց դժարութեան՝ այլ ինքն  յինքեան միշտ հանդարտօրէն յառաջ երթալով։ Իր ատեն դեռ ձեւացած չէր այդ Ռուբինեանց  տէրութիւնն, թէ եւ որդի ՚ի հօրէ չորս հինգ ազգ պայազատեցին. այլ դեռ երկիրն՝ կալուած գըրուէր կայսերաց, եւ ասոնց առջեւ՝ Ռուբէնի որդիքն բռնաւորք եւ յափշտակողք։ Ասոնցմէ զատ ազնուական ցեղերէ Հայ իշխանք ալ այն կողմերու կամ ազատաբար տիրէին, ինչպես շատ անգամ յիշեալ Գող Վասիլն, կամ իբրեւ Յունաց հպատակ, ինչպէս մեր Պահլավունիքն, Նաթանայէլեանք, եւ Հեթմեանք՝ նախահարք Ս. Ներսիսի Լամբրոնացւոյ, եւ այլք։ Այս զանազանութիւնն, այսինքն ոմանց հպատակելն Յունաց եւ ոմանց ոչ՝ աւելի ծանր եւ վնասիչ եղաւ Հայոց. քան օտարազգեաց յայտնի թշնամութիւնն. անոր համար ալ քանի մ՚անգամ մեծապէս վտանգեցաւ նորընծայ տէրութիւնն, եւ գրեթէ անհետանալու վըրայ էր. թէ եւ հարազատքն Թորոս Ա եւ Լեւոն Ա, իրենց անուանանիշ կենդանեաց ուժով եւ բարքով՝ այնքան աշխատեցան եւ արիացան՝ որ բռնած երկիրնին իրենց անուամբ Լեւնի երկիր, Թորոսի երկիր կոչուէր յայլազգեաց. այլ Յունաց կայսերութեան դեռ բազմագունդ զօրքերէն յօգնեցան եւ նեղեցան. ինքնին կայսերքն Յովհաննէս եւ Մանուէլ եկան ասոնց դէմ. թէ եւ շատ հեղ յաղթեցին, բայց վերջապէս Լեւոն Ա գերի ընկաւ ոմամբք իր որդւոց, եւ մեռաւ սրտնեղութեամբ՝ իբրեւ առիւծ ՚ի գառագղի, ՚ի Կ. Պօլիս. որդին Թորոս Բ՝ ճարտարութեամբ փախչելով ՚ի բանտէն՝ նորէն տիրեց հօրն եւ հօրեղբօրը բռնած տեղերուն, եւ աւելի ալ ընդարձակեց սահմանները, ինչպես յետոյ պիտի տեսնեմք։

Ուրիշ կողմէ ալ Թուրքաց ասպատակն եւ բըռնակալութիւնք անդադար նեղէին արեւելեան կողմերը. Եդեսիոյ, Մարաշու, Քեսնոյ, Կարկառայ, եւ ուրիչ Լատին եւ Հայ իշխանաց կալուածներուն յափշտակութիւնն՝ պատերազմօք եւ արիւնհեղութեամբք, մեր կաթողիկոսաց աթոռոց շատ մօտ եւ շատ ահարկու էին, անոր համար պատմական ստուգութիւն եւ ոչ զարդաբանութիւն պէտք է ընդունիլ ըսածնիս, թէ Շնորհալւոյ բոլոր կեանքն՝ քաղաքական անստոյգ եւ անհանդարտ ժամանակի մը մէջ անցաւ. զոր եւ ինքն իսկ ազնիւ եւ հեզագին գանգատով կ՚իմացընէ զանազան գրուածոց մէջ, ինչպէս ՚ի յառաջաբանի Ընդհանրականին. «Յաղագս ժամանակիս չարութեան եւ բազմիշխանութեանն. եւ քաղաք թագաւորական եւ բազմաժողով՝ ոչ գոյ ազգի մերում», իսկ իրեն համար կ՚ըսուի. չունէր «եւ ոչ մի գեօղ եւ ոչ անդաստանս, եւ ոչ օգնութիւն ի թագաւորաց եւ իշխանաց»: Եւ այնպէս համաշխարհական մրըրկի եւ տագնապի ատեն՝ երկու հարազատքն իրենց փոքրիկ Ծովք դղեկին մէջ քաշուած՝ «աղօթէին առ Տէր, կ՚ըսէ պատմիչն, ապրեցուցանել զնոսա ՚ի չարաթոյն այլասեռիցն եւ մարդադէմ գազանացն, որ եւ փրկեալք լինէին եւ ապրեալք՝ որպէս ճնճղուկ յորոգայթէ որսողաց, քանզի Տէր ձեռընկալու էր նոցա, ըստ մարգարէին»։

Որչափ ալ այս ամեն յիշեալ աշխարհք եւ պետութիւնք՝ Շնորհալւոյ պատմական շրջանակին մերձագոյնք են տեղեաւ եւ պատահմամբ դինպաց, յայտ է որ իր եւ մեր բնիկ հայրենի աշխարհն չեն. հարկ է հարեւանցի աչք մ՚ալ տալ այն մեր մեծ եւ հին տարաբաղդ աշխարհին, մանաւանդ թէ տարաբաղդիկ որդւոցս բարեբաղդ աշխարհին, զոր մեր ստոյգ պատմութեան դարուց կիսէն ՚ի վար՝ աւելի օտար ազինք վարեն եւ վայելեն, քան բնիկքս օտարացեալք պանդխտութեամբ յոլորտս երկրի։ Շնորհալւոյ դարն երկուց ժամանակաց միջոց եւ որոշիչ կէտ մը կըրնայ ըսուիլ յորում դեռ հին հայկական հարստութեանց մնացորդք կային եւ առ փոքր փոքր կ՚անհետանային, որով կերպարունափոխ կ՚ըլլար հին Հայութիւնն, եւ Հայաստանն՝ ՚ի Թուրքաստան, Թաթարստան եւ Քրդաստան։ Յետ բարձման Արշակունի թագաւորաց մերոց՝ Սասանեանց տիրապետութեան միջոց (428-638), թէ եւ ինքնագլխութիւն չունէին Հայք՝ այլ իրենց նախնեաց օրինօք, սովորութեամբք եւ պայազատութեամբք կ՚ապրէին. հւրաքանչիւր նախարար եւ սեպուհ կը յաջորդէր իր հօր գահուն եւ պատւոյն։ Արաբացիք ալ ՚ի սկզբան թողուցին անոնց կարգերը եւ սովորութիւնները: Բայց ատեն ատեն՝ ո՛ր եւ է պատճառաւ՝ շատ փոփոխութիւններ ըրին, եւ Ը դարուն սկիզբները շատ հին նահապետութիւններ ջնջեցին. իսկ ՚ի կէս Թ-ին իրենց Թուրք զօրավարաց առաջնորդութեամբ, որպիսի էր սոսկալի Գարա Բուզայն, շատ ալ արիւնհեղութեամբ՝ վեր վար ըրին զաշխարհը, եւ շատ տոհմեր եւ պայազատութիւններ բոլորովին մարեցին։ ԱJլ այնքան արիւնէն եւ կրակէն դուրս ցայտեցին քանի մը առաքինի եւ կտրիճ պայազատք նախարարաց. եւ նոյն Թ դարուն վերջերը կանգնեցաւ Բագրատունեաց թագաւորութիւն մը, եւ հետ զհետէ թագաւորութիւնք Արծրունեաց, Սիւնեաց, Աղուանից, Վանանդայ, Ձորոյգետոյ, եւ այլն, որք Ժ եւ ԺԱ դարուց մէջ բաւական փառօք եւ բարգաւաճանօք կը փայլէին. թէ եւ տեղ տեղ ալ իրենց մօտ Արաբացի եւ Թուրք կամ Պարսիկ մանր պետութիւնք կամ կուսակալութիւնք կային, Պաղտատու ամիրապետին իշխանութենէն կախ կամ անկախ։ ԺԱ դարուն կիսուն մօտ Սկիւթացի Սէլչուկեան Թուրքք յայտնուեցան, եւ շուտ յառաջ գալով՝ յարձակեցան ՚ի Հայաստան, եւ անլուր անգթութեամբ հուր եւ սուր սփռելով՝ տակնուվրայ ըրին զաշխարհը, նուաճելով մի ըստ միոջէ զԱնի, Կարս, Արծն, եւ ուրիշ իշխանանիստ եւ երեւելի քաղաքներ, յորոց զոմանս ալ յաւեր եւ ՚ի մոխիր դարձուցին։ Այս ատեն, կամաւ եւ ակամայ Հայ թագաւորք թողին իրենց աթոռները, Անեցիք, Կարեցիք, Վանեցիք (այսինքն Սենեքերիմեանք կամ Արծրունիք), եւ գաղթեցին ՚ի Փ. Հայս կամ ՚ի Փ. Ասիա, Յունաց կայսերութեան մէջ իրենց տատանեալ տունը հաստատել ուզելով. ուր եւ մէկ ցեղ մը չանցած՝ գրեթէ ամենքն ալ մարեցան, եւ անոնց մոխրէն վեր ելան Ռուբինեանք ՚ի լերինս Տաւրոսի եւ ՚ի գոգս Կիւլիկիոյ, ի վերջ ԺԱ դարու։

Յաջորդ ԺԲ դարուն՝ բուն մեր Շնորհալւոյն ժամանակ՝ թէ եւ գրեթէ բոլոր Մեծն Հայաստան Թուրքաց եւ խառնաղանճից զէնքերով պաշարեալ եւ ցցուեալ էր, մանաւանդ միջնաշխարհն, այլ դեռ եզերքները կային նուազեալ պայազատք Հայկազն փարազանց, եւ նաեւ թագաւորք ոմանք, որոց պատմութիւնն ալ ժամանակին տխրութեան մէջ մթընցեր է. այսպիսիք են սերունդք եւ շառաւեղք Ձորոյգետոյ Բագրատունեաց, որոց հարքն Անոյ թագաւորներէն զատուելով՝ Տաշրայ (Լօռի) կողմերը առանձնակ թագաւորութիւն մը հաստատեր էին, իսկ որդիքն անկէ հեռանալով՝ Գուգարաց եւ Ուտիոյ հին նահանգաց իրարու սահմանակցութեան կողմերը՝ երկու փոքրիկ թագաւորական աթոռներ դրին, ի Տաւուշ եւ ի Մածնաբերդ՝ ամուր բերդաւաններ, եւ որդւոց որդի յաջորդութեամբ՝ շատն Կորիկէ (կամ Գուրգէն) անուամբ՝ ինչուան ԺԳ դար ալ հասան. Կորիկէ Գ կամ Դ յիշուի ՚ի կէս ԺԲ դարուն եւ ա՛լ վերջերը, որոյ որդին Աբաս թագաւոր 19 տարուան վախճանեցաւ. ասոր թոռն Կորիկէ Դ կամ Ե յիշուի ԺԳ դարուն կիսուն մօտ, յորում Թաթարաց հզօր տէրութիւնն կոխեց ամեն թագ եւ գահ։ Յիշեալ Ուտի նահանգին եւ Արցախոյ կողմերը  թագաւորութիւն մ՚ալ կար Աղուանից անուամբ, բայց պայազատքն Հայ էին լեզուաւ եւ կրօնիւք. անոնցմէ ծագեցան Խաչենոյ իշխանքն ալ որ բաւական ազատութեամբ պայազատէին ԺԲ եւ ԺԳ դարուց միջոց, եւ որոց սերունդք իշխանական անուամբ կամ պանծանօք դեռ շատ դարեր ալ տեւեցին, եւ ինչուան հիմայ ալ թերեւս գտուին ազնուական շառաւիղքն։

Ասոնց դրակից են Հայոց ամենէն հայկազնեան մէկ աշխարհին՝ Սիւնեաց՝ պայազատք, որք այս ԺԲ դարուս մէջ ալ իրենց նախորդ դարուն ըսկիզբը կանգնեալ թագաւորութեան յաջորդութիւնը պահեցին, Աղուանից թագաւորազանց հետ ալ խնամենալով, մինչեւ ՚ի ժամանակս կաթողիկոսութեան Շնորհալւոյ. վերջին պայազատն եղաւ Թագուհի մը Կատա անուամբ, որուն եւ փեuայացեր էր Հասան Խաչանեցին. եւ միայն Կապանայ բերդը, քանի մ՚ալ ուրիշ բերդեր մնացեր էր ձեռուընին, ՚ի յափշտակութենէ Թուրքաց, որոց դէմ կենալ անկարելի տեսնելով՝ յամին 1169 թողուցին տեղերնին եւ քաշուեցան ՚ի Խաչէն։ 

Բագրատունի թագաւորաց բնավայրն յետ անցնելու ՚ի ձեռս Յունաց (1046) եւ քիչ ատենէ ՚ի սուր Թուրքաց Ալփասլանայ (1066), Թուրք ամիրայի մը առանձին կուսակալութիւն եղաւ. Շնորհալւոյ երիտասարդութեան ատեն Վիրք տիրեցին Անոյ՝ Հայոց հրաւիրանօք (1124), այլ նորէն թողին առջի տէրերուն՝ պայմանօք. 1161-ի նորէն նուաճեցին, եւ դարձեալ թողին եւ առին, եւ Օրբելեան հին ցեղի ազնիւ իշխանաց յանձնեցին. եւ. երբ զասոնք հալածեցին իբրեւ դաւաճանս՝ (1177) յանձնեցին Զաքարեանց Հայ մեծազօր իշխանաց, որք Երկայնաբազուկք կ՚ըսուին, եւ ինչուան հիմայ գտուին իրենց պայազատքն ՚ի Վըրահայս. ասոնց ձեռքը մնաց եւ Անի, եւ շատ շէնցաւ, մինչեւ որ Թաթարք խլեցին (1239) շատ արեանհեղութեամբ եւ աւերածով։ Յիշեալ Զաքարեանք, մանաւանդ երկոքին հարազատքն` Զաքարիա սպասալար եւ Իւանէ Աթաբէկ՝ Վրաց թագաւորութեան սիւնք եւ վարիչք՝ Թամարայ Թագուհոյ եւ յաջորդին ատեն, գրեթէ Մեծ Հայոց մեծ մասն ազատեցին այլազգեաց ձեռքէն , եւ Թագաւորաբար իշխէին։ Հայոց Հին մայրաքաղաք Դուինն ալ առին, ուր դեռ Պարսիկ տիրապետք գտուէին, ինչպէս նաեւ ՚ի ժամանակի նահատակութեան Յովսեփայ Նոր Վկայի (1170), զոր յետոյ պիտի պատմեմք։ Առ ժամ մի տիրեցին եւ Կարնոյ, ուր Պարսիկ ցեղ մը տիրէր շատոնց, եւ 1160-ին Սէլիքեան տոհմի մը ձեռք անցեր էր։

Տուրուբերան եւ Վասպուրական մեծ եւ հին հայկական աշխարհաց մէջ ալ՝ կային առանձնակ իշխանք եւ տէրութիւնք. Վանայ ծովուն արեւմըտեան հիւսիսային ծայրը` Խլաթ քաղաքն իր շըրջակայիւք՝ շատոնց թագաւորանման Արաբ կամ՝ Պարսիկ տիրապետ մ՚ունէր Շահի-Արմէն» կոչուած, յորոյ աթոռն երբեմն եւ Հայ մը նստաւ, եւ բոլոր ԺԲ դարու միջոց ալ կար այս տէրութիւնս, եւ բաւական ոյժ ունէր։ Իրեն մօտ Մանազկերտ քաղաքն ալ Ժ դարուն մէջ նման առանձին տէր մ՚ունէր , այլ յետոյ միացաւ յիշխանութիւն Շահի-Արմէնին։

Վանայ արեւելեան եւ հարաւային կողմերը` միջինդարեան Հայոց՝ (յետ Շիրակայ թագաւորաց՝) ամենէն նշանաւոր թագաւորութիւնն կար, Արծրունեաց ըսուած, զոր կանգնեց խորագէտն Գագիկ ՚ի սկիզբն Ժ դարու, եւ իր երեք յաջորդօք տեւեց մինչեւ ցամն 1022, յորում Սենեքերիմ թագաւոր վախնալով Նետողաց (Թուրքաց) ասպատակութենէն, եւ Մեծին Ներսիսի անուամբ եղած  մարգարէութենէն, երկիրը Յունաց կայսեր ծախեց, եւ փոխան առաւ Սեբաստիա՝ սահմանօքն. այլ իր ազգականներէն մէկն Խեդենեկ կամ Հեդենիկ անուամբ՝ Ամիւկ ամուր բերդին մէջ Հաստատ կեցաւ, եւ ինքզինք թագաւոր անուանեց, նոյնպէս եւ ոմանք ի պայազատացն. յորոց էր Աբդլմսեհն Պրոտո–Կուրոպալատ (+ 1121), փեuայացեալն ՚ի Մարիամ քոյր Մեծի Վկայասիրին մերոյ. իր թոռն Խեդենեկ Բ յիշուի 1199-ին, ուրիշ Խեդենեկ մը հարիւր տարի ալ վերջը. իսկ իրենց պայազատքն մինչեւ ՚ի սկիզբն ԺԵ դարու, յորում դեռ թագաւորութեան անուն ալ յիշուի՝ մինչ ՚ի Կիւլիկիա անգամ կորսուեր էր Հայոց թագն։

Վասպուրականի եւ Արծրունեաց դրակից աշխարհին՝ Տուրուբերանոյ մէջ՝ երկու անուանի գաւառք կան, որք աւելի երկար ատեն Հայկական իշխանութիւն եւ պայազատութիւն պահեցին Տարօն եւ Սասունք. յետինս թէ եւ ոչ բնիկ գաւառ է յիշեալ աշխարհիս, այլ Աղձնեաց, սակայն անմիջապէս կից Տարօնոյ, եւ մեր պատմութեան ժամանակ մէկ հայ իշխանութեան տակ էր. մեր Պահլաւունի իշխանաց խնամիքն քաջութեամբ տիրէին երկրին, երբեմն Յունաց կայսերաց խնամակալութեան տակ, եւ երբեմն ազատ։ Այսպիսի էր Թոռնիկն որդի Մուշեղայ՝ զոր յիշեցինք (40), որոյ որդին Չորտուանէլ Մամիկոնեան կ՚իշխէր  ՚ի սկիզբն ԺԲ դարու, զոր արքայակերպ մեծացընէ՝ այն ատեն Մշոյ Առաքելոց վանքը նստող Պօղոս Տարօնացի վարդապետն, Յունաց դէմ սաստիկ կրիւք գրուածոյն մէջ։ Յիշուին ասոր որդին Վիգէն, եւ ասոր թոռն Շահնշահ՝ փեսայն քեռ կամ թոռն էին Շնորհալւոյ, որ կ՚իշխէր նաեւ յետ Շնորհալւոյ (1184), երբեմն Շահի–Արմէնին քով արգելուած, յետո ազատած, եւ յետոյ դարձեալ զրկուած։ 

Ահա այնքան իշխանութիւնք կամ կոտորակք իշխանութեանց Հայոց կային ՚ի ժամանակս Շնորհալւոյ ՚ի Մեծ Հայս. յորս միութիւն չըլլալով, նաեւ անկարելի ըլլալով՝ իրարմէ տեղեաւ զատուած եւ յայլազգեաց անջրպետուած ըլլալնուն համար, ամբողջ ազգութիւն մը չէր երեւեր. եւ իրաւամբ կոչէր Շնորհալին բազմիշխանութիւն եւ չքութիւն բազմաժողով ազգային քաղաքի, ուր կարենային հայրապետական աթոռը դնել. եւ հիմայ ստիպեցան հանգչեցընել զայն ՚ի դղեկին Ծովուց։



[1] Այս վաճառաշահ անուանի քաղաքին տիրեցին խաչակիրք՝ մեր պատմութեան այս հասած ժամանակնիս (1124), յետ իբր վեցամսեայ պաշարման. Վենետկեցիք ՚ի ծովէ, մէկ այլ դաշնակիցք եւ ասպետք ՚ի ցամաքէ։ Քաղաքացիք (որ օգնութեամբ Եգիպտոսի եւ Դամասկոսի Սուլտանաց դէմ կը դնէին), պաշարողաց մեքենաները կ՚այրէին եւ կը փճացընէին. Խաչակիրք կարօտացան զօրաւոր հնարքի եւ ճարտարութեան մը. հրաւէր խաւրեցին յԱնտիոք, Աւետիք անուամբ Հայ մեքենագիտի մը, որ եկաւ, այնպիսի մեքենաներ կանգնեց եւ ուղղեց, որ պաշարելոց գործիքները դադրեցուց, սովորականէ մեծ քարերով անոնց տուները սկսաւ կործանել մէկ երկու օրէն անձնատուր եղան անոնք. իսկ Խաչակիրք առատապէս վարձատրեցին զվարպետն Աւետիք։