Շնորհալի եւ պարագայ իւր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Է.
Շնորհալի Երգեցող. Երաժշտութիւն Հայոց։

Յայտ է, որ այս գրուածոց մէկ մասն, Տաղերն  եւ Շարականք, ոչ միայն չափով են այլեւ երգելու եղանակաւ։ Շնորհալին ինչպէս ճարտար եւ աննըման էր քերդողութեամբ, եւ այնպէս ընտրող ականջ եւ ախորժակ ունէր ներդաշնակութեան, հարկ էր որ երաժշտական ընտիր ճաշակ ալ ունենայ։ Ոչ մակամտածական հետեւանք մ՚է ըսածնիս, այլ եւ վկայեալ ստուգութիւն, եւ այնքան առաւելութեամբ, որ իրեն գլխաւոր ձրից մէկն ճանչցուեցաւ, մինչեւ իրեն երկրորդ մականուն եւ յայտարար մ՚ալ եղաւ ԵՐԳԵՑՈՂՆ [1] կոչուիլ, ինչպէս կ'անուանենք եւ տօնենք մենք զՍ. Ռոմանոս Եմեսացի սարկաւագն Յունաց, զոր իրենք իրենց լեզուով կոչեն Սիմֆօնիասդէս ։ Աւելորդ է յիշատակել, թէ որչափ որ մարդկային սրտի քաղցր է երգն, այնքան ալ պանծալի է քաջ երգահանն, եւ այն մանաւանդ որ յատուկ մակադրութեամբ Երգեցող կոչուի։ Սակայն պետք չէ հարեւանցի  յիշատակաւ մը միայն նկատել զայս ՚ի Շնորհալին՝ եւ թողուլ երթալ. այլ հարկ իսկ է ճանչնալ այս երկնախառն արուեստ կամ տուրքը՝ Երաժշտութիւնը, իր մէկ մեծ շնորհք կամ շնորէաց յարդարիչ մը. եւ երբ ինչուան հիմայ նկատածնիս ՚ի Ներսէս եւ յետոյ այլ աւելի նկատելիքն՝ գումարենք իբրեւ ՚ի մի պատկեր եւ ՚ի մի տեսութիւն չեմք կըրնար ուրիշ կերպով տեսնել զնա՝ բայց իբրեւ բովանդակ բանական երաժշտութիւն մը. կենդանի ներդաշնակութիւն մը. աստուածային եւ բնական շնորհօք խառնեալ ամեն մէկ ձիրքն՝ մէկմէկ ձայնի նման, որոց բոլորն մէկ եղանակ կազմէ. ոչ Երգեցող միայն, այլ եւ Երգ ողջոյն, յարմարեալ շնորհազարդ շարժմամբք մարմնոյ, շրթանց, մատանց, մտաց եւ հոգւոյն։ Թէ արդեօք գեղեցիկ գրուածոց եւ եղանակաց նման գեղեցիկ եւ անոյշ ձայն ալ ունէ՞ր. հաւանական կըրնանք ըսել. եւ եթէ չկարենանք հաստատել բնական գործարանաց կամ կազմվածքին տուրքը, չեմք տարակուսիր կրթութեամբ, արուեստով եւ շնորհօք քաղցրութեանը վրայ. գուցէ Երգեցող անունն ալ՝ ոչ միայն երգահանութիւնը այլ եւ ձայնական կարողութիւնը նշանակէ։ 

Գիտնալու է որ Երաժշտութիւնն կամ երգեցողութիւնն, գէթ ըստ եկեղեցական կարգի, մեծ պարապմունք եւ արուեստ մ՚էր, եւ կըրնանք ըսել եղած է ամեն ատեն՝ մեր վարդապետանոցաց եւ վանորէից մէջ. թերեւս եւ միակ զարգացած արուեստ չափաբանականաց մէջ` յետ քերդողութեան։ Նոյնպէս յայտնի է թէ մեր ազգն ի՛նչ մեծ վարկ եւ սէր ունի իր հին սրբազան Երգողաց կամ շարականաց հեղինակաց վրայ, որով շատ հեղ այս գրոց հաւաքման ճակատը կը տպագրէ մեր երաժըշտութեան վրայօք գրուած խօսք մը, կամ գովեստ մը երգահանաց վրայ, կամ ցանկ մ՚անոնց անուանց, սկսեալ ՚ի Ս. Սահակայ եւ Մեսրովպայ եւ յաշակերտաց նոցին. որոց թարգմանութեան արուեստին հաւասար պարգեւ մը համարուի եւ երաժշտական գիտութիւնն. եւ յայսմ մասին եւս՝ որպէս ՚ի քերդողութեան՝ գերազանցեալ պատուի Մ. Խորենացին. մինչեւ աւանդախառն պատմութեամբ գերագոյն յերգս նորա գրուի Ուրախացի՜ր Սրբուհի սքանչելի շարականն, զոր եւ հրեշտակային ձայնով երգած է կ'ըսեն մասնաւոր առթի մը մէջ։ Ազգային լեզուի յստակութեան սըրբազան աւանդին հետ՝ նախանիք այս սրբազան երգեցողութիւն ալ աւանդեցին յաջորդաբար այս երկուքս՝ առաւել քան զամենայն ցանկալի աւանդութիւնս. եւ ասոնցմով` աւելի քան թէ այլ ամենայն մասամբք բանական արուեստից՝ յաջողեալ են մերայինք՝ իբրեւ հազարամեայ դարու միջոց. անով մեր շարականաց հաւաքմունքն՝ որ 800 տարուան գործ է, այնքան զանազան գարուց եւ դիպաց միջոց ալ՝ ազնուութեան շնորհքը, արժէքն եւ ոյժը պահած է։ Շնորհալւոյ Երգեցող կոչումն, իրմէ մնացած մեր եկեղեցւոյ բազմաթիւ երգերն եւ տաղերն՝ յայսմ մասին ալ զինքն թէ ոչ ժամանակաւ առաջին՝ արդեամբք ընդ առաջինս կը դասեն, մանաւանդ թէ առաջին եւ վերջին. որովհետեւ ինքն լրացուցած է ժամասացութեան երգերը, իրմէ վերջը՝ քիչ շարականք աւելցած են ։ Այս իր շնորհքը լաւ ճանչնալու համար՝ կ՚արժէ որ քիչ մ՚ալ երկարաբանենք այս արուեստիս վրայօք. ինքնին իսկ երաժշտութեան ոգին ալ կարծեմք ներէ մեզի։ 

Ազգային քերդողութիւն կամ չափաբանութիւն եւ ազգային ոճ մը ճարտարապետութեան, կըրնային գուշակել տալ որ Հայք ազգային երաժըշտութիւն ալ ունեցած պիտի ըլլան, գոնէ այնչափ որոշ եւ իսկատիպ՝ որչափ են այդ երկու չափական արուեստքն, եւ գոնէ բաւական ընտիր ճաշակ մ՚ունեցած են յայսմ ալ. եւ որչափ ալ Մ. Խորենացի մեղադրէ մեր հնագոյն նախնեաց անփոյթ ըլլալը երգարանաց բանաւորաց, աւելի գրաւորի քան եղանակաւորի համար իմանալու է ըսածը. որովհետեւ ինքնին շատ անգամ կը յիշէ Հայկազանց վիպասանից հետ՝ Ցըցովք եւ Բամբռամբք երգիչներն ալ. իրմէ առաջ ալ` Բուզանդ, իրմէ վերջ ալ այլք՝ երգասէր ցուցընեն զՀայս։ Իսկ մեր միջին եւ յետին դարուց գրողք՝ Ս. Թարգմանչաց կ՚ընծայեն՝ ինչպէս շարականաց շարադրութիւնը՝ նոյնպէս եւ եղանակաց հնարումը։ Յայսմաւուրքն Ս. Սահակայ համար կ՚ըսէ, թէ 10 ձայն բաժնեց եղանակները եւ աղուաբար կ՚աւելցընէ, «Ըստ թուոյ տասն արարածոց (!) ՚ի չորից ձայնից 10 բարդեցաւ. եւ չորս ձայնք ՚ի չորս տարերցս ունին զգայունքն. որպէս եւ ա) ձայնն ՚ի հողոյն, եւ բ)-ն ի ջրոյն, գ)-ն ՚ի յօդոյն, դ)-ն ի հրոյն. եւ ՚ի չորս ձայնիցն՝ բաժանեաց չորս կողմ. (եւ) Վառ եւ Վերջ երկու ստեղին։ Որք ունին եւ այլ յատկութիւնս. զի ա) ձայնն ՚ի հիւսնականէն է: բ)-ն ՚ի դարբնէն. գ) ՚ի գետոց. դ) յաղօրեաց. ե) յերկաթոյ. զ) ՚ի ծովու ծփանաց. է) յանասնոց. ը) գազանաց թ) եւ ժ) ՚ի հաւուց»։ Ուրիշներն կ՚ըսեն թէ հին Ստեփանոս երաժիշտ մը 26 եղանակ հնարեր է՝ բնական իրաց եւ կենդանեաց ձայներէն առնըլով։ Հաւանականն այս է, որ թէ հին ազգային եղանակաց եւ թէ Յունաց եկեղեցական երաժըշտութեան յարմարցուցած են Թարգմանիչք՝ մեր եկեղեցւոյ երգերը։ Շատ հեղ եղանակաց համար ըսուած եւ տաղիս վրայ գըրուած է ՚ի գիրս մեր՝ Խոսրովային եղանակ կամ ձայն, լաւ եւ ճարտար երաժշտական ըսելու մտքով. այս անունն յայտնէ զԽոսրով ՓԷրվիզ կամ Ապրուէզ անուանի թագաւորն Սասանեանց Պարսից, Զ դարուն վերջը եւ Է-ին սկիզբը, որ կ'ըսուի թէ շատ երաժշտասէր ըլլալով՝ երկու, ճարտար երաժշտաց ձեռքով այս արուեստը կանոնեց եւ զարգացուց. մէկն էր Սարգիս, զոր Հոռոմ կ՚անուանեն, միւսն Պարպուտ կամ Պէրպուտ Շիրազցի, որոյ անուամբ նուագարան մ՚ալ յիշուի նաեւ Հայոց մէջ` Բարբուտ կոչմամբ, որ փոխանակեց զհին բամբիռն Հայկազանց։ Այն ատենները Հայք դեռ Պարսից իշխանութեան տակ եւ անոնց արտաքին սովորութեամբք ալ վարուէին. շատ հաւանական է, որ Խոսրովայ երաժշտաց արուեստն՝ եթէ անծանօթ էր իրենց, անոնցմէ ընդունեցան, եւ այնուհետեւ սովորութիւն եղաւ մեր երաժշտաց ալ՝ խոսրովային անուանել անոյշ եւ քաջարուեստ եղանակները. ինչպէս նոյն իսկ մեր Շնորհալւոյն համար կ'ըսէ Կիրակոս պատմիչ. «կարգեաց քաղցր եղանակաւ, Խոսրովային ոճով շարականս, մեղեդիս, տաղս եւ ոտանաւորս»։

Սասանեան Խոսրովայ ժամանակակից կաթողիկոսն մեր Կոմիտաս՝ բանաստեղծութեանը հետ երաժըշտական ախորժակը կ՚իմացընէ Հռիփսիմեանց շարականին մէջ։ Զնոյն արուեստ պէտք է ընծայել եւ մեր ամենէն հին համարողին՝ Անանիայ Շիրակացւոյ, որ մօտ էր ժամանակաւ վերոյիշելոյն։ Իսկ յաջորդ Ը դարուն սկիզբը Ստեփանոս Սիւնեցին իր գերազանց շարականօքն, եւ իր քույրն Սահակադուխտ՝ երգահանութեան շատ մեծ համբաւ թողած են։ Իբրեւ մուզայի մը` կու գային այս տիկնոջ դաս դաս մարդկան՝ լսելու եւ վարժելու. եւ ինքն՝ վարագուրի ետեւ կեցած, վասն պարկեշտութեան, կը սովրեցընէր։ Անշուշտ այնպիսի եղանակաց վրայ զմայլեալ՝ դարուն պատմիչն (Ղեւոնդ երեց) կ՚ըսէր. « Հրեշտակակա՜ն երգք՝ ՚ի վերայ երկրի»։ Ժ դարուն մէջ երբ Բագրատունիք ազատեցին զաշխարհս Հայոց Արաբացւոց Բռնաբարութենէն, եւ վանորայք նորոգիլ սկըսան, սրբազան երաժշտութեան արուեստն ալ  նորէն զարգացաւ, եւ դարուն պատմիչն (Ստեփ. Ասողնիկ) եւ այլք՝ մեծ գովութեամբ կը յիշեն Կամըրջաձորոյ, Նարեկայ, Տաթեւու, Ղազարու (Մշոյ) վանաց երաժիշտները. եւ յանուանէ՝ զՍամուել Կամրջաձորոյ վանահայրն, որոյ ձայնը լսած էր թերեւս Թառճեցի Գէորգ վարդապետն ալ, որ 100 տարուան վախճանեցաւ հօն՝ յամի 1094, «եւ Էր երաժիշտ ՚ի վերայ ձայնաւոր եղանակաց», ըստ Ուռհայեցի Պատմիչին։ Ասոր ատենն էր Պետրոս Գետադարձ պերճափայլ կաթողիկոսն, որ Կ. Պօլիս գացած ատեն՝ եպիսկոպոսաց եւ վարդապետաց հետ՝ դաս մ՚ալ ընտիր եկեղեցական երաժըշտաց հետը տարաւ յարքունիս կայսերաց։ Իր բարեկամն եւ մեր Պահլաունեաց իմաստասէր նահապետն Գրիգ. Մագիստրոս՝ իր թղթոց մէջ շատ հեղ եւ մեծ գովութեամբ յիշէ զԴանիէլ ոմն երաժիշտ, նոր Որպեւս կոչելով. ասոր թուի անսովոր մնացած շարական մը, Մեծացուսցէ, Ակ. որոյ տնագլուխք Դանիէլ կապեն, եւ սկսի. «Դաuապետըն հրեշտակաց եւ սպասաւոր երկնից արքային» եւ այլն։ Գուցէ այս ժամանակներս ապրած ըլլայ ուրիշ ճարտար երգիչ մ՚ալ՝ Գռզիկ Այրիվանեցի, Հեղինակ Մեսեդի ըսուած երգոց։ Շնորհալւոյ կրսեր ժամանակակից կըրնայ ըսուիլ Խաչատուր Տարօնացին՝ եղանականիշ խաղից նորոգողն [2] ։ Թողլով ԺԲ դարէն վերջը յիշեալ երաժիշները, զի մեր պատմութեան սահմանէն դուրս կ՚ելնեն, յիշենք բուն իր ժամանակի եւ քիչ ետեւ անուանի երաժշտութեան վարժարանքը, Սեաւ լերանց եւ Կիլիկիոյ նորահաստատ վանքերը, յորս աւելի գովութեամբ կը նշանակուի Արքակաղնոյ վանքն, եւ ա՛լ յետոյ Սըսոյ երաժիշտ վարժապետքն, որոց արուեստն եւ դատաստանն իբրեւ պատգամ սեպուէր այն ժամանակ։ Ասոնց վարպետներէն մէկը կըրնանք սեպել Թէոդորոս Ալախօսիկը, զոր Մեծ Վկայասիրին ատեն տեսանք կաթողիկոս՝ ի Հոնի (42) [3]:

Այս յետին Տօրոսեան անապատաց եւ լերանց մէջ վարժեցաւ մեր Շնորհալի Երգեցողն ալ՝ աստուածատուր ձիրքը արուեստի հետ խառնել եւ իմաստից ու տողից հետ ծնանիլ եւ եղանակներ, եւ ըլլալ նուագաւոր փիլիսոփայ մը. վասն զի այս գեղեցիկ արուեստիս կամ գիտութեանս՝ իմաստասիրութեան լծորդ եւ լրումն ըլլալը՝ պղատոնական մտօք ճանչցեր էին մեր վարդապետք եւ վանականք, եւ պարզապէս Փիլիսոփայ կ՚անուանէին զերգեցողս եկեղեցւոյ. ինչպէս հին Տօնացոյց գըրոց մէջ ալ անուանեն. «Զգենուն միաբան . քահանայքն եւ սարկաւագունք եւ փիլիսոփայք»։ Նոյն ինքն Շնորհալին վկայէ այս բանիս՝ Դաւիթ Անյաղթ Փիլիսոփայի գրած Խաչի ճառին մեկնութեանը մէջ. « Եւ զի ունիմք սովորաբար ասել Փիլիսոփայ որք երաժշտական արուեստս կատարեալ են. այսպէս եւ Դավիթ Անյաղթ, ոչ միայն փիլիսոփայ այսպէս, այլ եւ յաստուածեղէն եւ յարտաքին հրահանգս անթերի»:

Իր տուած մեկնութեան համեմատ Շնորհալին ալ փիլիսոփայացաւ անթերի. եւ անդադար կ'երգէ Հայոց եկեղեցւոյն մէջ իր բազմապատիկ Տաղերովը, Շարականներովը , եւ Գանձերովը, թէ սուրբ պատարագի եւ թԷ ժամասացութեան ամեն ժամերուն պատշաճեցուցած երգերով. մանաւանդ սրբազնագոյն օրերու՝ Մեծ պահոց եւ Մեծ շաբաթուն. որոց խորին յիշատակները՝ աւելի զգալի եւ ախորժելի ընել կու տայ իր քրիստոսասէր ազգայնոց. եւ իբրեւ իր հոգւոյն մաքուր թելերով կապելով զանոնցն ալ՝ ջանայ քաշելու յերկինս, ուր կատարեալ աստուածերգակ մ՚եղած՝ ընդ  Դաւթեանց եւ Ստեփանոսեանց, մանաւանդ թէ ընդ հրեշտակաց, անսպառ երգանայ աստուածային սիրոյն մէջ. որոյ իբրեւ տկար, այլ դեռ բաւական արձագանգ մը կը լսեմք, եւ յուսամք որ եկեղեցիս Հայոց՝ անոր սրտէն բղխած եւ մատներով յարմարցուցած երգերն ու եղանակները՝ անընդհատ լսելով եւ նուագելով, հասնի եւ հասցընէ մինչեւ երկրաւոր ձայնից լռելու եւ միայն երկնաւոր ձայնից լսուելու օրը. յորում՝ հայածին սուրբ մայրն ալ իր քրիստոսակնիք որդեկաց՝ «Սիոնի որդիք, զարթի՜ք» կանչելով՝ յետին անգամ, պըճնեալ զարդուքն ընդառաջէ անմահ փեսային եւ պսակուի յաւիտենական փառօք : Այսպիսի անգին յուսովք կը պարարէ սրտերնիս ամեն կիրակի՝ մեր Երգեցող Շնորհալին յեկեղեցիս Հայաստանեայց։

Իմաստից եւ բացատրութեան կողմանէ ալ՝ իր սովորական եւ կարեւոր շնորհօքն՝ ունի յստակութիւն եւ աստուածային եռանդն. որով թէ իմանալի է հասարակաց եւ թէ յորդորիչ սրտից, միանգամայն եւ մտաց ախորժելի՝ գեղեցիկ հանճարովը։ Եւ յայսմ՝ զարմանալի բան մ՚ալ կայ դիտելու, որ այս գեղեցիկ շարականաց եւ տաղից մեծ մասն իր կաթողիկոսութեան ատեն երգած է. կենաց այն յառաջացեալ մասին մէջ՝ յորում սովորաբար լռեն երգք ՚ի շրթունս քերդողաց, եւ ծալուին աշխուժից թեւերն. իսկ մեր սքանչելի Երգեցող Փիլիսոփայն 65–70 տարեկան միջոց ալ որպէս եւ յերիտասարդութեան ըսելով՝ «Բղխեսցեն սիրտք մեր զբան բարի, եւ լեզուք մեր պատմեսցեն զգործս երկնաւոր թագաւորին», բըղխած է այն վերոյիշեաւ բաները, որ առոյգ եւ եռանդուն հասակի մը արտադրութիւն պիտի կարծէինք, եթէ չգիտնայինք ՚ի պատմութենէ զժամանակը։ Այնքան ուրեմն մեծ եւ տաք է եղեր Ներսիսի սիրտն եւ հոգին, այնքան եռանդուն միտքն եւ հանճարն, որք միշտ առույգ եւ մանուկ մնացեր են, երբոր մարմինն միայն մաշելով եւ հըննալով՝ ա՛լ չէ կըրցած այնպիսի ուժով եւ թռչուն հոգւոյ լծակից մնալ։ 

Այս կարողութեան վրայ աւելցընելու է եւ ճարտարութիւնն եղանակաց զանազանութեան եւ  ներդաշնակութեան. որոյ եթէ մենք չեմք կըրնար երաշխաւոր ըլլալ, եօթն դարուց երկարությամբ՝ այնպիսի նուրբ արուեստի փոփոխութեանն համար, կրնամք հաւատալ ժամանակաւ մերձաւորին վկայութեանը. որ յետ գովելոյ զիմաստս բանիցն՝ կ՚ըսէ. «Եւ թէպէտ եւ հրաշալիք էին բանք երգոց նորա առ միտս իմաստութեան, բայց եւս առաւել զարմանալի էին արուեստք զանազան եղանակացն՝ զոր աննման միմեանց յօրինէր. որպէս յանծախելի եւ յառատագոյն գանձարանէ՝ ՚ի ճոխ եւ ՚ի հարուստ մտացն արտաբերեալ»։ Բոլորովին ալ հիմայ փոխուած չենք կըրնար ըսել Շնորհալւոյ եղանակները, զորս քիչ մը մեր երաժըշտական արուեստի խազերն պահած են, քիչ մ՚ալ ականջալուր վարժութիւնն. միայն թէ շատերն ՚ի սկզբան աւելի ներդաշնակաւոր եւ աւելի  քաղցրանուագ կըրնանք համարիլ։

Արդ Շնորհալւոյ այս երաժշտական ձրից վըրայ յերկար զարմանալէն վերջը, հարկ է որ թօթափենք զմեզ այն զմայլիչ արուեստին կպչուն եւ թռչուն թեւերէն, եւ դառնանք իր երկրաւոր կենաց ընթացքը բռնելով՝ անոր զանազան դէպքերը, եւ իր ուրիշ բազմապատիկ տուրքերը դիտել։ 



[1] Այսպէս կոչէ Սամուէլ Անեցի, ժամանակակից Շնորհալւոյ։

[2] Սա յետոյ ալ պիտի յիշուի մեր պատմութեան մէջ։

[3] Սըսոյ եւ Մեծ Հայոց երաժըշտութեան կամ երգոց մէջ մեծ զանազանութիւն մ՚եղած կերեւի, եւ անկէ Շարականաց զանազան կոչումն. մէկն Թագւորցի, մէկայլն Արեւելցի։ Դարձեալ Շարականաց ընտիր օրինակները Խլըկցի կ'անուանեն գրիչք ԺԳ-ԺԵ դարուց. այլ Խուլ կամ Խլիկ հեղինակի ո՛վ եւ երբ ըլլալը՝ չկարցանք ստուգել: