Շնորհալի եւ պարագայ իւր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԻԷ.
Բարեզարդութիւնք Պաշտամանց Եկեղեgւոյ.   Ժամասացութեան երգք. Շարականք. Պատարագի երգք. Մանրուսմունք. Գանձք. Մաշտոց. Կարգք Ձեռնադրութեան. Սպասք Եկեղեցեաց. Շնորհալւոյ օրհնած միւռոն նոր գտուած.

Յունաց եկեղեցւոյ հետ միաբանութեան խնդիրն՝ Շնորհալւոյ բոլոր կաթողիկոսութեան միջոցը բռնած էր, ինչպէս որ տեսանք, սակայն ԹԷորիանէի երկու անգամ գալէն առաջ երկերկու տարի պարապ միջոց ալ մնաց, զոր անխոնջ հայրապետն մեր լցած է, ոչ միայն գթութեան գործերով եւ գրուածներով՝ զոր յառաջ յիշեցինք, այլ գրուածովք եւ կարգադրութեամբք եկեղեցական պաշտամանց. որք թէ եւ վայելչապէս սահմանուած էին իրմէ առաջ 800 տարուան միջոց, այլ տեղ տեղ կարգերն այլայլած կամ փոփոխած էին կամ թողուած, տեղ տեղ ալ աւելի կամ պակաս. արդ այս ամեն բանի` կարգ, լրումն եւ միաձեւութիւն տալ, եւ միով բանիւ իր շնորհօք ալ օծել՝ ջանաց մերս Ներսէս. «Նորոգէր զառաջին սուրբ հարցն հաստատեալ կարգս եկեղեցւոյ, եւ զարդարէր զեկեղեցիս Հայաստանեայց անթերի լրմամբ» կըսէ պատմիչն։ Մասնաւորապէս Ժամասացութեան կամ Հասարակաց աղօթից պէտք էր հաստատութիւն. որոց արարողութիւնք աւելի զանազանութիւն  կրած էին, տեղական առաջնորդաց եւ վանահարց կամօք եւ սովորութեամբք. եւ որպէս զի ինքն ալ այսպիսի մեծ եւ ամեն տեղ ծաւալեալ եւ ծանօթ իրաց՝ ինքնին փոփոխութիւն մ՚ընել չերեւնայ. որով եւ դժարութիւն չկրէ ընդունելի ընելու, հարցուց քննեց տեղեկացաւ՝ թէ ո՞ւր ՚ի Մեծ Հայս աւելի հաւատարմութեամբ կը պահուին հին կարգադրութիւնք հայրապետաց մերոց. եւ մարդ ղըրկեց ու գրով, բերել տուաւ այն տեղերու ժամասացութեանց կարգերը։ Այսպիսի տեղիք էին Մաքենոցաց եւ Թեղենեաց վանորայքն. առաջինն՝ Հայոց հնագոյն եւ ամենէն նշանաւոր վանաց մէկն էր, Սեւանայ ծովուն հարաւային եզերքը, Է-Ժ դարուց միջոց շատ պայծառացեալ, եւ իր միաբանից հագած գառին մորթէն՝ այդ Մաքենեաց անունն առած, ըստ աւանդութեան. այլ անոնց գիտնական եւ սրբական վարուց համար յոյժ հըռչակուած յԸ դարու, յորում երկու կամ երեք Սողոմոն վանահարք, որոց մէկն եւ կաթողիկոսացաւ, տեղւոյն զարդք եւ Հայոց պատգամատուք էին։ Արաբացւոց եւ յետոյ՝ Թուրքաց կամ Պարսից բռնակալութեան ատեն շատ նեղութիւն եւ աւեր կրեց տեղին, այլ միշտ նորոգուելով՝ ինչուան մեր պատմութեան ատեն եւ դեռ ետքն ալ՝ բաւական շէն էր եւ բարեկարգ. եւ մինչեւ հիմայ լուռ վկայ երբեմն անլռելի սաղմոսերգութեանց եւ հառաչանաց, ՚ի մէջ աւերակաց եւ շինից կը բարձրանայ հազարամեայ եւ աւելի հնութեամբ անսիւն գմբեթունակ եկեղեցին։ Իսկ Թեղենիք՝ Նիգ գաւառին մէջ էր, Երեւանայ մօտերը, որ եւ այլն անցուդարձի տեղ ըլլալով՝ աւելի ալ ոտնակոխ, ամայի եւ անծանօթ եղեր է. բայց ԺԲ դարն թերեւս իր ամենէն պայծառ ատենն էր, յորում եւ Շնորհալի ուզեց անոր կարգերը։ Արդ այս երկու վանքերուն եւ ուրիշ տեղեաց արարողութիւնները  բաղդատելով, «եւ ամենայնիւ ամենայն կամօք հաճեալ եւ հաւանեալ, զպակասն ելից եւ զսխալն ուղղեաց. եւ կարգեաց ամենայն Հայաստանեայց եկեղեցւոյ՝ անջրելի եւ հաստատուն աւանդ, առաջնորդութեամբ Հոգւոյն Սրբոյ, որ յաջողէ զամենայն բարի՝ յամենայնի». կ՚ըսէ խորագիրն կարգադրութեանց եկեղեցւոյ եւ արարողութեան ժամատեղաց, Տեառն Ներսէսի Հայոց կաթողիկոսի. որոյ շարադրութիւնն մասն մի Մաքենոցաց եւ Թեղենեաց միաբանից գրածն է, մասն մի Ս. Ներսիսի եւ մասն մի յետնոց, ինչպէս Գրիգորի Խլաթեցւոյ ՚ի սկիզբն ԺԵ դարու, յորմէ տեղեկութիւն խնդրեց այս բանիս՝ Յակոբ Ղրիմեցի բանասէր վարդապետն, եւ նա գրեց, նախ իր գիտցածը իր կողմերու սովորութեամբ հանդերձ, ըսելով. «Այս է Արեւելեան տան սահման Ժամակարգութեան Վերինս կողման. իսկ զՆերքին կողմանն՝ գտանես Ներսիսի Հայրապետին ՚ի գիրս Տօնեցին »։

Խլաթեցոյն ըսածն ալ վկայութիւն մ՚է հաւանութեան թէ Շնորհալին է հեղինակ վերջին կար գաւորութեան մեր ամենայն եկեղեցական պաշտամանց, որոց համար նախ հաստատեր էր այն Տօնից գիրքն կամ Տօնացոյցն, որ է յատկապէս այն՝ զոր իմանամք սովորաբար՝ իսկ Վարագայ հօր Ատոմայ գրածն՝ (31) չենք կըրնար ըսել որոշակի ա՞յս էր թէ այլ ինչ նման Տօնականի։ Որչափ ալ ԺԳ եւ ԺԴ դարուց մէջ Կիւլիկիոյ թագաւորութեան ատեն եւ անկէ ետքը նորոգութիւնք եղած էն ՚ի Տօնացուցի, շատ քիչ են համեմատութեամբ անփոփոխ մնացեալ կարգադրութեանց կամ նորոգման եւ վերահաստատութեան կարգաց ՚ի Շնորհալւոյ, որով մէկ մեծ երախտագիտուութեան պարտքով մ՚ալ պէտք է ճանչնամք զինքըն իբրեւ բարոյական բանալի մը մեր եկեղեցւոյ։ 

Ժամասացութեան, կամ պարզ եւս ըսելով Ժամագրոց մէջ Շնորհալին նոր մասեր կամ աղօթքներ չաւելցուց, այլ միայն նոր Երգեր մտուց, այն ալ հին եւ խափանուած երգերու տեղ. վասն զի հին դարերուն ժամասացութիւնն աւելի շատ սաղմոսներ եւ երգեր ունէր։ Արդ իր նոր դրածներն կամ իր շարադրածներն են, նախ Յիշէսցուք եւ Զարթիքն, որոյ վրայ խօսեցանք` ապա, յառաջ քան զայլ երգս՝ երկու այբուբենական կարճ տողից եւ երկար իմաստիւք չքնաղ երգերն՝ Առաւօտ լուսոյ եւ Աշխարհրհ ամենայն. որոց մէկն հիմայ կիւրակէ եւ տէրունական տօներու կ՚ըսուի, մէկ այլն սրբոց տօներու, սակայն զղջական մաղթանք ըլլալով ապաշխարութեան աւուրց կը վայլէր քան Սրբոց տօնից. եւ թուի թէ ասոր համար ուրիշ երգ մը պէտք էր, ինչպէս որ գտուի նմանաձեւ բան մ՚ալ յանուն մեր հեղինակին, այլ ոճով կը տարբերի։ Առաւօտեան ժամուն իբրեւ վերջաբան դրաւ Շնորհալին, կիրակի օրերու՝ ՚ի պատիւ Յարութեան Քրիստոսի` Նորստեղծեալ գեղեցիկ եւ զուարթարար երգը, որով՝ իբրեւ յաղթական նուագաւ՝ կնքէ հաւատացեալն իր առաւօտու խօսակցութիւնն ընդ Աստուծոյ. իսկ լուր օրերու համար՝ Արարչական երգը, շաբթուն իւրաքանչիւր օրերուն եւ ստեղծագործութեանց յիշատակօք. ասոնց տեղ առջի ատենները՝ մեղեդի կամ տաղ կ՚երգուի եղեր, որ հաւանօրէն ծանր եւ դժար եղանակաւ ըլլալնուն եւ քիչերու միայն կարելի երգել՝ խափանուեր են, եւ կամ ժամերգութեան վերջերին ըլլալով՝ ժողովուրդն չէ ուզեր ուշանալ այն ծանր աւաչներն ալ լսելու, եւ ասոր համար Շնորհալին գնացք եւ յորդոր եղանակաւ յարմարցուցեր է այս երգերը։ Արեւագալի ժամուն մէջ՝ քանի մ՚արձակ երգեր աւելցուցեր է, որ հիմա՝ հասարակօրէն Մեծ պահոց մէջ կ՚երգուին։ Ճաշու ժամուն՝ ծանօթ է Օրհնեմք ըզքեզ երգն, Խաւարեցաւ եւ Չարչարակցեալ. յետինքս ալ հասարակօրէն Մեծ պահոց մէջ կ՚ըսուին հիմայ. եւ երեքն միատեղ՝ այբուբենից վրայ են՝ նոյնքան զոյգ տող։ Երեկոյեան ժամուն նոր բան աւելցուցած չէ Ներսէս, այլ Խաղաղականին՝ երկու երգ, Նայեաց սիրովն ՝ իր անուան տառերով, ինչպէս եւ Նորաստեղծեալն, եւ Ի քէն հայցեմք, որք ՚ի Մեծ պահս երգուին. Ամբիծքէն վերջն ալ Մեծ պահոց մէջ երգուած շարականի տուներն՝ ըստ խորհրդոյ իւրաքանչիւր աւուրց շաբաթու՝ իրեն կարգաւորութիւնն թուին։ Հանգստեան ժամուն՝ որ իրմէ վերջը կարգաւորած թուի՝ հիմայ յարուած է իր սքանչելի Հաւատով խոստովանիմ աղօթքը։

Ժամասացութեան մէկ գլխաւոր եւ կենդանարար մասն` երգերն ըլլալն՝ մեր մէջ Շարականք ըսուած՝ յայտնի է, եւ արդէն ՚ի սկզբան յիշե ցինք մեր հայրապետին մեծ արդիւնքն եւ ճարտարութիւնը յայսմ մասին. հօս կ՚ուզեմք յանուանէ ալ յիշել իր յօրինածները, որչափ որ յայտնի են կամ կարծուին. եւ են 1. 2. երկու Աւագ տօնից սրբոց շարականքն մեծ մասամբ, այսինքն Պետրոսի եւ Պօղոսի, Յովհաննու եւ Յակովբայ, 3. Առաքելոց շարականին մասն. 4. Եօթանասնիցն՝ Իմաստութիւն երկնային. 5. Թէոդոսի շարականին մասն. 6. Ս. Անտոնի՝ մասն. 7. Քառասուն Մանկանց ՝ մասն. 8. ՄԵծ պահոց կիւրակէից կանոնքն. 9. Նինուէացւոցն. 10-12, Աւագ Երկուշաբթի, Երեքշաբթի, Չnրեքշաբթի կանոնք։ 13. Աւագ ուրբաթու Այսօր ՚ի կատարումն. 14. Յարութեան երկու ճաշու շարական. 15. ըստ ոմանց եւ Օրհնութիւն Վառ ձայնի Յարութեան, որպէս թէ Ստեփանոս Սիւնեցի քերդողն մէկալ եօթն ձայնիցն երգած ըլլայ, եւ այս մնացած, որ հաւանական չերեւիր, մանաւանդ որ ամէնուն ոճն ալ համանման է, ուստի չափազանց է ոմանց կարծելն թէ ութ կանոններն ալ Շնորհալին շարադրած ըլլայ։ 16. Հոգեգալըստեան Բ օրուան կանոնն, թերեւս հետեւեալ օրերուն կարգն ալ [1]. 17. Վարդավառի Բ եւ Գ օրերուն կանոնքն. 18. 19. նոյնպէս եւ Վերափոխման Բ եւ Գ աւուրց: 20. Մարգարէից շարականն. 21. Յովհ. Մկրտչին, Որ աւետաւոր. 22. Հրեշտակապետացն. 23. Ս. Յակովբայն. 24. Մանկանցն Բեդղեհեմի, գոնէ մասամբ. 25. Վարդանանց Նորահրաշն. 26. Ղեւոնդեանցն ՝ ըստ մասին. 27. Ննջեցելոց այբուբենական շարականն Աստուած անեղ, որ գրեթէ այնքան յաճախ կ՚երգըցուի յեկեղեցիս Հայոց՝ որքան ննջեցեալք յուղարկաւորին. եւ ասոր նման ըստ ձեւոյն, 28. 29. Չարչարանաց շարականքն Այսօր անճառ եւ Նորոգող տիեզերաց. որք եւ Տեառն մերոյ անօրէնութեանց ամենէն սրտառուչ եւ սխրալի դիպաց՝ վայելուչ եւ սրտաշարժ յիշատակք եւ սփոփանք են. մանաւանդ այս ետքինին  մեջ մեր հեղինակն իր մաքուր, փափուկ եւ աստուածարեալ սիրտն այնպէս հալեցուցեր է՝ որ ամեն մտադիր կրկնողաց սրտին հետ ալ խառնուելով՝ վերադառնայ առ աղբիւրն սիրոյ եւ սուրբ ցաւոց։ Այս ամենածանօթ եւ յաճախ երգեալ շարականն՝ քանի՞ անգամ մեր հեղինակին սրտէն կրկնուած է՝ չգիտեմ, այլ յայտ է որ երեք անգամ գրչէն թափուած է. նախ՝ Բան հաւատոյ քերդուածին մէջ, երկրորդ տարի մ՚ետեւ (1152) իր Յիսուս որդի գերագոյն բերդուածին, եւ երրորդ՝ այբուբենի վրայ տնատելով եւ քիչ փոփոխութեամբ վերածեալ ՚ի շարական, եւ Աւագ ուրբաթու  մեծահանդէս ժամակարգութեան մէջ տեղաւորած, զոր յետագայք կրկնեն եւ ՚ի տօնս Խաչի՝ փոխանակ ննջեցելոց շարականի՝ ՚ի գիշերային ժամուն։

Պատարագի կարգաւորութիւնն եւ աղօթքն, որքան եւ որոշ չգիտեմք իրմէ ի՛նչ չափ նորոգուիլն սակայն չեմք ալ տարակուսիր որ իրմէ նոր հաստատութիւն առած են անշուշտ այն աստուծային խորհրդոյն մէջ խառնուած սրբերգութիւնք, սերովբէից արժանաւորք։ Պատմիչ վարուցն վկայէ հաստատապէս, թէ «Հոգեւոր երգովք եւ քաղցրանուագ եղանակօք վայելչացուցանէր զսուրբ պատարագին խորհրդական երգսն. որպէս զի թանձրագոյն միտք տեսողացն զսուրբ  խորհուրդն՝ նայելով այնպիսի պայծառագոյն սպասաւորութիւն եւ սարսափելի խորհրդածութիւն՝ կակղացեալ անօսրասցին զգալի տեսութեամբն, եւ յիմանալին դիտաւորութիւն հասեալ օգտեսցին»։ Եւ Կիրակոս Պատմիչ. «Արար սա զՔարոզ սուրբ պատարագին՝ քաղցր եղանակաւ, եւ տունս շարականաց նմին խորհրդաբար» [2] ։ Յայտնի է որ Տաղից մեծ մասն այս սուրբ խորհրդոյն ատեն նուագելու համար շինած է, ինչպէս որ հիմայ ալ երգուին զանազան միջոց. իրենն են հաւանօրէն եւ Սրբասացութիւնքն, գուցէ եւ Քրիստոս ՚ի մէ մեր յայտնեցաւ ն։ Նոյնպէս ճաշակման ատեն երգուելու կարճ շարականքն ըստ իւրաքանչիւր աւուրց շաբաթու, «Լոյս ճշմարիտ », եւ այլն. «Հաց կենաց», եւ այլն. որք Աւագ հինգշաբթի օրուան շարականաց աղբերէն ծագած կ՚երեւին, որով նոյն օրուան կանոնն ալ իրեն կըրնայ ընծայուիլ։ 

Թէ՛ պատարագի թէ՛ ժամասացութեան այլեւ այլ միջոց երգուած՝ կարճ այլ աւելի խաղուն եւ արուեստաւոր երգերն՝ որ Մանրուսմունք կ՚ըսուին, թէ եւ յառաջ քան զՆերսէս սկզբնաւորեալ են, ինչպէս նշանակած եմք, եւ որպէս ինքնին խրատէ նուիրելոցն ՚ի քահանայութիւն՝ որ յառաջ քան զձեռնադրիլն եկեղեցական գրոց ուղիղ ընթերցման հետ սովրին (եւ զՄանրուսմունս ձանաւորացն պաշտել յեկեղեցիս». այլ ոմանք առանց խտրութեան զինքն համարին գլխաւոր հեղինակ այսպիսի երգոց ալ բաւական հին օրինակի մը գաղափարողն կ՚ըսէ. «Կատարեցի զհոգիաբուխ երգս Տեառն Ներսիսի Հայոց կաթողիկոսի ՚ի զարդ եւ ՚ի պայծառութիւն սուրբ եկեղեցեաց»։

Այս մանրիկ եւ բազմախաղ երգերուն փոխան՝ տեսակ մը երկարատուն եւ յորդորագնաց երգ ալ կայ, Քարոզ կամ Գանձ ըսուած, որուն առաջին ծանօթ օրինակ տուած է Գրիգոր Նարեկացի, Հոգեգալստեան, Խաչի եւ Եկեղեցւոյ վրայ երգածներովը. իսկ երկրորդ եւ քաջ հետեւող բազմաշնորհ եւ բազմաջողակ հայրապետս մեր, նոյնպէս  երեք գանձ հասուցած է մեզ, ՚ի Վարդավառն, ՚ի Վերափոխումն Ս. կուսին եւ յՕրհնութիւն Միւռոնին. երկու հեղինակք ալ իրենց անուան տառերով սկզբնաւորած են երգոց տնագլուխքը. յորմէ սովորութիւն եղած է եւ յետագայ գանձասաց երգողաց ալ նոյնպէս ընել, ԺԲ-ԺԵ դարուց միջոց. յորս կըրնամք ըսել թէ շատերն միայն իրենց անուան գրակապութեամբ յաջողած են, այլ շարադրութեամբ եւ իմաստիւք՝ ռամկացեալ եւ անհամացեալ։ Յետին գանձն Ներսիսի՝ որ է Միւռոնին, «Նոր օրհնութիւն ընդ Հայցուածոց մաղթանաց մատուցանեմք», եւ այլն, հաւանութիւն կ՚ընծայէ թէ Միւռոն–օրհնէից բովանդակ կանոնն ալ ինքն նորէն կարգաւորեր եւ ճոխացուցեր է, հաւասար ուրիշ եկեղեցական հանդիսից եւ տօնից. այսպէս բարեզարդելով այն կաթողիկոսաց սեփական արարողութիւնն ալ՝ փոխանակ մեղադրանացն յօտարաց՝ ձիթենւոյ իւղով չըլլալուն համար [3] ։

Այս գործս եւ յիշատակս կ՚առաջնորդէ մեզի անցնելու ՚ի տեսութիւն Մաշտոցի կամ Օրհնութեան գրոց, որում պատշաճի Միւռոն–օրհնէքն. յորում թէ ոչ յայտնապէս այդ կանոնդ՝ ուրիշ կանոն մը կայ իրեն ընծայուած այսինքն է Խաղողի օրհնութիւն յաւուր Վերափոխման տոնին, յորում սովորութիւն է բարեպաշտ ազգայնոց մերոց՝ նախ ճաշակել տարւոյն նոր խաղողը՝ յետ օրհնութեան, եւ միանգամայն ցուցընէ մեր հայրապետին գորովական սէրն ալ առ Մայրն Աստուծոյ եւ մարդկան, որուն մեծագոյն տօնն ալ ոչ միայն կրկին շարականօք եւ գանձիւ զարդարեց, այլ ինքն թուի իննօրեայ հաստատող տօնին ալ. եւ անոր վրայ աւելցուց յիշեալ օրէնութիւն այնպիսի պտղոյ, որ անմահից եւ մահացուաց զուարթացուցիչ եւ սիրելի ըսուեցաւ յարտաքնոցն. եւ ՚ի հաւատացելոց ճանաչի նիւթ ահաւոր եւ սքանչելի խորհրդոյ պատարագին։ Արժանի էր որ Քրիստոսի արեան փոխան եղողն՝ կանխաւ օրհնուէր իր ամբողջ ողկուզաց մէջ՝ ՚ի պատիւ եւ յօրինակ կուսակաթ ծոցոյն՝ որ ընծայեաց եւ սնոյց զՔրիստոս. կամ ինչպէս կ՚ըսէ հեղինակն ՚ի Խաղողօրհնէսն «Ուստի տուաւ մեզ պտուղ կենաց եւ անմահութեան՝ Յիսուս Քրիստոս ». եւ վասն խաղողոյն, «Որոյ արիւն արժանաւոր եղեւ մեծագունի շնորհաց օրհնութեան, նիւթ փրկական արեան Միածնի Որդւոյ քո լինելով, որով գնեալ ազատեցաք ՚ի «ծառայութենէ մեղաց եւ մահու». եւ այլն։ Յիշէ եւ ուրիշ պատիւ մը խաղողաբեր տնկոյն, Քրիստոսի նմանութեանն, «զի զքեզ անուանեցեր որթ, եւ զառ ՚ի քեզ կապակցեալսն հաւատով եւ սիրով՝ ուռ, եւ զՀայր քո՝ տածող եւ մշակ », եւ այլն, եւ ոչ միայն զնուիրեալ խաղողն կ՚օրհնէր՝ այլեւ անոր ծառը եւ տնկողները եւ վայլողները, եւ բովանդակ այգին՝ որ զորթը բուսոյց։

Ասկէ զատ Մաշտոցին մէջ՝ յուղարկավորութեան կամ՝ Մեռելաթաղի կանոնաց մէջ յայտնի  են Շնորհալւոյ Հանգստեան շարականաց գործածութիւնք՝ քիչ տեղ իր ուրիշ շարականք կամ երգք։ Բայց ամենէն գլխաւոր յիշատակ այն օրէհնաբեր պաշտամանց՝ Ձեռնադրութեանց, եւ մանաւանդ Եպիսկոպոսի ձեռնադրութեան կարգերն են, զոր եւ յիշեցինք Հռոմայ նուիրակութեան պատմութեան մէջ (184). եւ հօս այսչափս աւելցընենք, որ ինչպէս մեր եկեղեցւոյ արարողութեանց եւ օրհնութեանց սկիզբն եղած է ՚ի Ս. Լուսաւորչէն՝ առնըլով ՚ի Յունաց, յայտնապէս եւ ձեռնադրութեան կարգք, որով վարէին մեր եպիսկոպոսապետքն մինչեւ ՚ի գիւտ հայերէն գրոց. այն ատեն զանոնք թարգմանելով ՚ի մեր լեզու, հանդերձ ուրիշ նոր կարգերով եւ օրհնութեամբք՝ ձեւացաւ  այն կարեւոր եւ թանկ գիրքն՝ որ Օրհնութիւնաբեր կ՚ըսուէր ըստ պատշաճին, եւ սովորաբար Մաշտոց կ՚ըսուի, կամ յանուն Ս. Մեսրովպայ՝ որ այնպէս   ալ կոչուէր, կամ թէ ինքն ալ գիրքն ալ այսպէս կոչեցան հին հայկական աւանդութեամբ, յորում մաշտ բառն սրբազան նշանակութիւն մը պիտի  ունենայ, թերեւս համանիչ մշտիկ բառին, որ նշանակէ օրնեալ ջրոց ցանիչ գործին կամ ճիւղը։

Սովորաբար կարծուի որ Ս. Մեսրովպ ըլլալով  իբրեւ գլխաւոր հաւաքող կամ կարգադրող օրհնութիւնաբեր գրոց՝ իր անունը տրուած է այն գրոց. սակայն այս բանիս հիմնական վկայութիւն տնկոյն մը չըլլալէն զատ, հակառակ վկայութիւնք ալ կան, որ Ս. Սահակ եւ իր քարտուղարն Մովսէս, Յովհան Մանդակունի, եւ այլք՝ աւելի աշխատած են այդ գրոց հաւաքման։ Ինչպէս որ ըլլայ, մեր խընդրոյն համար այս ալ վկայուի՝ որ Լուսաւորչի ատենէն սկսեալ կարգերը թարգմանելու ատեն, կամ քիչ մ՚ալ առաջ՝ Ս. Uահակ Քահանայի ձեռնադրութեան կարգը նոր շարագրեց, իր հայրապետութեան 21-րդ տարին։ Մեր ձեռքը հասած Շնորհալւոյ դարէն առաջ գրուած հին երկաթագիր մաշտոցի մը մէջ Քահանայի եւ առջի կարգերուն ձեռնադրութեան ձեւն եւ աղօթքն համառօտ բաներ են, եւ շատ յարմար էր որ ընդարձակուէին հին Պահլաւունեաց նոր պայազատ հայրապետաց ձեռօք, մանաւանդ երբ Լատինաց եկեղեցւոյն եւ Ս Քայանայապետին Դուռը՝ տեսան անոնց բարեկարգ հանդէսները, Ս. Սահակայ, կամ անկէ ետեւ ուրիշներու դրած համառօտ կարգերն ըստ մասին փոխուեցան հիմայ: այլ թէ ո՞րչափ ուրիշներն ալ՝ որոշ չեմք կըրնար ըսել, մանաւանդ որ  նորութին աւելի Եպիսկոպոսի ձեռնադրութեան մէջ է, իսկ այս կանոնս մեր յիշեալ երկաթագիր մաշտոցին մէջ չկայ, որով չունիմք մեր բնիկ հին ձեւը. իսկ հիմայ սովորական եղածն է խառնուրդ հայկականի, յունականի եւ լատին արարողութեանց. այս ետքինէս բառ առ բառ թարգմանուած աղօթքներ եւ ձեւեր կան, որք Շնորհալիէն ալ ետեւ ընդունուած են, եւ բոլորն միանգամայն լատինէն աւելի ընդարձակ եւ ճոխազարդ եղեր է, ինչպէս եւ ուրիշ ձեռնադրութեան կարգք։ Կան ամբողջ լատինական մաշտոց եւ ձեռնադրութեան կարգքն ալ բառ առ բառ թարգմանուած ՚ի ԺԴ դարու, սակայն ոչ հասարակաց գործածութեան համար, այլ ՚ի ծանօթութիւն, կամ թերեւս օտարասէր անձանց համար, ինչպէս Պալենց անուանեալ Ներսէս եպիսկոպոսն, որ եւ յիշեալ գրոց թարգմանիչ թուի։ Շնորհալւոյ ինքնիրեն կամ իր եղբօր հաւանութեամբ ըրած գլխաւոր նորութիւնն էր՝ ձեռնադրութեանց մէջ միւռոնիւ օծումն ալ մտցընել, ինչպէս տեղը յիշեցինք (184). եւ թուի թէ դեռ չէր տարածուած նոր սովորութիւնն, կամ չէր լսուած ՚ի Լատինաց, անոր համար յետ իբր 10 տարւոյ մահուան Շնորհալւոյ՝ Լուսիոս Գ. Պապ՝ լատին մաշտոցի օրինակ մը խաւրելով՝ առ յաջորդ նորա՝ Գրիգոր Տղայ՝ մասնաւորապէս կը խրատէ, «Օծէք եւ զձեռնադրեալ քահանայիցն զձեռսն, եւ զԵպիսկոպոսացն՝ գլուխս, որով զօրանան յիւրաքանչիւր պաշտօնս»։ Այս գրոց առաքումը կը յիշէ նաեւ Կղեմէս Գ. առ նոյն Գրիգոր Տղայ (1187), եւ յանուանէ՝ Միւռոն օրէնելու լատինարէն կանոնն ալ։

Այսքան տեսակ եկեղեցական ներքին եւ էական բարեկարգութեանց հետ՝ նիւթական վայելչութիւն եւ զարդերն ալ չէր մոռնար մեծսիրտ եւ մեծախելք Շնորհալին. թէ եւ այն մեծութեանցն  համեմատ չունէր ընչից մեծութիւն եւ Պ. Գետադարձի գանձերը, այլ ունեցածն ալ յետ աղքատաց եւ կարօտելոց՝ կու տար եկեղեցեաց շինութեան եւ զարդարանաց համար, «զորս պայծառս եւ առոյգս յարդարէր, զգեստս մաքուրս եւ վայելուչս եկեղեցականացն կազմեր», կ՚ըսէ պատմիչն. եւ դարձեալ «զարդարէր զեկեղեցիսն ոսկեղէն եւ արծաթեղէն անօթիւք, եւ պայծառագոյն ոսկէնկար զգեստիւք, բաշխման սուրբ մարմնոց եւ արեանն Տեառն, եւ յորդորէր զամենեսեան՝ իմանալի եւ զգալի պայծառութեամբ սպասաւորել կենարար եւ երկրպագելի սուրբ խորհրդոյն»։ Ինչպէս բարեկարգ հոգւոյ եւ բարեկազմ մարմնոյ ներդաշնակութիւնն՝ մարդուս կատարելութիւն կ՚աւելցընեն, այսպէս եւ եկեղեցւոյ մը իմանալի եւ զգալի բարեպաշտութեանց ներդաշնակութիւնն՝ կ՚ազնուացընէ հաւատացելոյն միտքը, կը բարձրացընէ զհոգին։ Այս զարդուց եւ սպասուց մէջ՝ յիշուին Շնորհալւոյ շինել տուած մեծ Պահարան կամ Նշխարանոց մը Սըրբոց. բովանդակ ոսկւով եւ արծաթով, զոր յետոյ իր եղբօրորդին Գրիգոր Ապիրատ ալ գոհարեղինօք աւելի զարդարեց. եւ իր հագած մէկ Նափորտ կամ շուրջառն, զոր եւ յունական բառով օքսիվլադա կոչէ [4] Սմբատ Պատմիչ. եւ նշանակէ ծիրանի գոյնագոյն, «որ շատ ոսկւով կարած էր, որ զէտ ձուլածոյն կանգնէր». այսինքն՝ այնքան քովէ  քով ոսկի զարդերով խռնած էր՝ որ իբրեւ միակտուր ոսկիէ թափծու՝ կանգուն կենար, եթէ գետին դրուէր։ Այս երկու թանկ սպասներն ալ՝ ուրիշ անոնց նման շատերու հետ՝ իբրեւ 40 տարի վերջը քակել տուաւ Յովհաննէս Է. կաթողիկոս ուրիշ շէնքերու պիտոյից գործածելու համար. գէթ երանի՜ թէ բարերարութեան տեղիք ըլլային շէնքերն, եւ ոչ իրեն եւ իր հիւրոց համար գործածուած, ինչպէս կըրնայ կարծուիլ Սմբատ Գունդըստապլի պատմածէն, որ թէ եւ գովէ զՅովհաննէս, անձամբ անպաճոյճ ըլլալուն համար, այլ միանգամայն կ՚իմացընէ թէ «եւ սեղանով արքայակերպ շինասէր էր, եւ տան յարդարիչ, եւ պիտոյից պատրաստիչ՝ յոյժ գովելի». եւ չի ծածկեր իր կրակոտ աչաց արտասունքն ալ՝ այնպիսի յիշատակաց եւ զարմանաց արժանի զարդուց քակտումը տեսնելուն. «տեսաք եւ շօշափեցաք ձեռօք ՚ի քակելն, եւ լացաք ընդ այն վայելչութեան անզարդ մնալն»: Գուցէ Յովհաննու ատեն դեռ շատ յիշատակներ գտուելով Ս. Հայրապետին՝ անոնցմով կարենային մխիթարուիլ Սմբատայ պէս զգացողք. իսկ երբ ժամանակն զանոնք ալ ծախեց  կամ ծածկեց՝ դոյզն մնացուած անգամ յիշատակը այնպիսի աննման անձին՝ մեծ գանձ գրուեու էր։

Այսպիսի բան մը յայտնուեցաւ մեր օրերս շիշ մը միւռոնի՝ օրհնեալ Ներսիսի սուրբ աջովը, գուցէ եւ իր նոր կարգադրութեամբ օրհնութեան կանոնին եւ իր նոր երգեալ գանձիւն, զոր աւարտէ ըսելով. «Եւ ՚ի ծագման քո մեծի՝ իբր զիւղեալ [5] պատրոյգ վառեսցես ընդ նոսին եւ զմեզ անշէջ քո լուսով»։ Իր կնիքն դրոշմած էր այս շիշիս վրայ, որպէս կ՚ընէր անշուշտ նուիրակաց աւանդելուն ատեն, կամ բարեպաշտ խնդրողաց՝ իբրեւ նշխար մի սուրբ. եւ գուցէ միակ մնացեալ իր օրհնածներէն պահուէր յաթոռն Հռոմկլայի եւ 120 տարի ետ իր մահուանն. իսկ երբ այն աթոռն եւ բերդն քայքայեցան յԵգիպտացւոց ըստ դիպաց՝ հօն գտուելով այն ատենուան Բ. Հեթում թագաւորի քերց մէկն, իր օծանելեացմէ աւելի սիրով եւ յարգով ազատեց փախուց այս սուրբ իւղը, եւ հասուց իր եղբօր. որոյ արքայական ցեղին մէջ ժառանգութիւն մնալով, անկէ ետեւ ալ իրենց ցեղին մնացորդաց, ասոնցմէ Մելգոն իչխան մը՝ զսա եւ Ս. Գէորգի եւ ուրիշ սրբոց նշխարներ՝ յանձնեց Խարբերդի եպիսկոպոսին Միքայէլի, ինչպէս կերեւի ԺԵ դարուն սկիզբները (յամին 1414). նա ալ դրաւ Ղուլէու վանաց եկեղեցւոյն մէջ՝ մեծ հանդիսիւ, քանի մը եպիսկոպոսաց գործակցութեամբ, եւ վանքն կոչեցաւ Ս. Գէորգ: Բայց ոչ յետ շատ ժամանակի՝ երբ Կոստանդնուպօլիս առնուեցաւ ՚ի Թուրքաց եւ եկեղեցիք ՚ի մզկիթ փոխուէին, մեր վանականք ալ վախնալով որ գուցէ իրենց վանքն ալ այլազգեաց աղօթատեղի ըլլայ՝ հողով ծածկեցին Ս. Գէորգի տապանը, ուր դրուեր էր այս շիշս ալ հանդերձ ուրիշ նշխարօք, եւ մագաղաթեայ յիշատակարանաւ [6]. զոր՝ յամի 1839 փորելով գտան միաբանք Ղուլէու վանաց, եւ որպէս յուսամք՝ պահեն պատուով։

Յետ յիշելու Շնորհալւոյ այսքան եկեղեցական բարեկարգութիւն եւ բարեզարդութիւնները, ներքին եւ արտաքին, որովք եւ այնքան պատուելի եւ պատկառելի ըրաւ իր աթոռը եւ ժողովուրդը, աւելորդ է ըսելն` այլ հարկ է հաւատալն՝ թէ Հայաստանեայց եկեղեցին ո՛րքան պատկառելի էր մերձաւորաց եւ հեռաւորաց եւ որոց մեր հայրապեան ծանուցուած էր. այնպիսի հովուաւ երջանիկ էր եւ իր հօտն, եւ այն դժբաղդ ժամանակն ալ՝ բարեբաղդ էր այսպիսի երկնաբաղդիկ այցելու մ՚ունենալով. «Վասն որոյ կըսէ իրաւամբ՝ Պատմիչն, ընդհանուր եկեղեցին Հայաստանեայց ՚ի ժամանակս սուրբ Հայրապետին Ներսիսի՝ լուսաւորեալք ՚ի չնորհաց նորա, եւ ուրախացեալք ՚ի վերայ աստուածայնագոյն հովուապետութեան նորա՝ ընդ ամենայն տեղիս, գոհանային զՏեառնէ, որ այնպիսի լուսաւորիչ ՚ի զարմ սրբոյն Գրիգորի պարգեւեաց նոցա ՚ի յետին ժամասնակիս. եւ ուրախ էին ամենեքեան ՚ի Տէր»։ Գեղեցիկ խորհրդածէ եւ հեռաւորաց համար՝ Լամբրոնացին, թէ չէին կըրնար անծանօթ մնալ այսպիսի լուսաւոր անձի մը

«Լոյս՝ ՚ի ծածուկ ոչ պարփակի

Բարձր ընդ հանուրս տեսանի։

Զոր առանձին ինչ նա խօսի՝

Ընդ տիեզերս երկրի սփռի»

Այն որ Հեռուորաց զարմանք, մերձաւորաց վայելք էր, հարկ էր եւ է՝ որ աւելի ներսանց զինքը ճանչցողներուն ըլլայ եւ զմայլումն. զի եթէ այնքան զարմանալի եւ պայծառ են ճառագայթք լուսաւորչին՝ ո՞րքան եւս պայծառագոյն ինքն լուսանիւթ էակն՝ յորմէ սփռին նոքա. եթէ այնքան գեղեցիկ են արտադրութիւնք Ներսիսի՝ ո՜րքան գեղեցկագույն արտադրիչ միտքն. եւ եթէ այնպէս շնորհազարդ իր ամեն խօսքն եւ գրուածն, ո՜րքան չնորհալի այն հոգին՝ որ այնպէս առատութեամբ ընդունեցաւ Ս. Հոգւոյն ձիրքերը, եւ անոնցմով գրեթէ ծածկեց իր հողեղէն զանգուածը, կամ թէ զայն ալ թափանցիկ լուսաթաղանթ միջասահման տարր մը դարձուց. այնպէս որ իր դէմքը տեսողք՝ մէկէն կիմանային թէ սուրբ եւ առաքինի  հոգւոյ մը տաճար կամ հայելացոյց է տեսածնին։ Իսկ իր գրուածքը եւ խօսքը քննողք՝ վկայէին թէ  ատոր հեղինակն՝ անմարմնապէս կապրի. «Ուր  զշնորհալից նամակս նորա ընթեռնուին՝ որպէս  յաստուածահրաշ դիմաց նորա պատկառէին», կըսէ պատմիչն։ Ժամ է մեզի ալ որ այս զարմանալի աստուածարուեստ անձին ներքին շէնքն եւ գաղտնիքը քննենք, իմանանք Ներսիսի շնորհաց սեփական ագուգայն, որով կ՚ընդունէր զայն յիսկական աղբերէ աստուածութեանն, լցուէր, զեղոյր  եւ միշտ անպակաս առաւելոյր։ Այլ ո՞րքան հնար է արդեօք նուազելոցն ՚ի շնորհաց՝ քննել եւ հասկընալ զշնորհաւորս։ 



[1] Սովորաբար Հոգեգալըստեան աւուրց կանոնք կ՚ընծայուին Անանիա Շիրակացւոյ, սակայն Բ աւուր կարգն՝ Նոյն եւ նման ՝ տնագլուխ տառերովն յայտնի կը քարոզէ իր հեղինակը՝ Ներսէս. հետեւեալ աւուրց ալ գոնէ ոմանց՝ ինքն ըլլալ հեղինակ յարմարի՝ Տօնացուցից ըսածովը, վասն «Տեառն Ներսէսի Կլայեցւոյ (որոյ) է եւ երգ շարականացն զոր կարգեաց ութ օր տօնել Գալստեան Ս. Հոգւոյն՝ ամենայն քրիստոնէից, շարականիւք եւ ընթերցմամբ սուրբ գրոց։ Սահմանեաց Սուրբն Ներսէս « զի ՚ի Համբարձմանէն մինչեւ ՚ի Պենդակոստն պահեսցեն եւ թէ ծանր թուի զբովանդակն պահել` զչորեքշաբթին եւ զուրբաթն պահեսցեն, որ է երեք օր ըստ սուրբ Երրորդութեան»։ Այս ետքի խօսքերս կ՚իմացընեն մեզի Շնորհալւոյ կարգադրութիւն մ՚ալ՝ վասն Եղիական ըսուած Պահոց։ Իսկ առաջին խրատն կ՚իմացընէ՝ որ ինչպէս Հոգեգալստեան՝ այսպէս Վարդավառի եւ Վերափոխման տօներն եռօրեայ եւ բազմօրեայ սահմասնեց թէ եւ հաւանօրԷն հին ատեն ալ այսպէս եղած էր ոմանց մեծ տօնից, այլ յետոյ խափանուեր էր, եւ ինքն նորէն սահմանեց, եւ նոր երգած շարականօքն անխափան պահել տուաւ

[2] Պատարագի տունք շարականացն թուին Յայս յարկ  նուիրանաց. որ գեպագոյն. Խնդա յոյժ դուստր լուսոյ. իսկ Քապոզքն՝ սարկաւագաց երգածներն։

[3] Մեր այժմեան Միւռոն-օրհնեաց կանոնին մէջ՝ լատինէ թարգմանեալ աղօթք ալ կան, այլ թուի յետ Շնորհալւոյ մտած։ 

[4] Մեր օրինակաց մէջ սխալ գրուած է, «Քակեաց ըզ Օքսինդռի զվլատ նափորտն» կամ Օքսինդիս վլատ ։ 

[5] Կամ ղուղեալ, զուղղեալ ։

[6] Ազգային լրագիրք, ինչպէս Նոյեան աղաւնի, թիւ 48 (1855) հրատարակած են այս յիշատակարանը, բայց թուականներն անկատար ըլլալով՝ տարակուսական է Մելգոնի եւ Միքայելի ժամանակն, մեզի հաւանական երեւցածը վերը նշանակեցինք