Շնորհալի եւ պարագայ իւր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա. Շնորհալի կոչումն Ներսիսի Դ։ 

 

Զարմանալի բարոյական բերում մը յորդորել է ամեն ազգի մարդիկ՝ իրենց մեջ կարգէ դուրս եւ մեծ հանճարով ու գործով յայտնուած անձանց՝ որոշիչ մականուն մը յարմարցընել. զարմանալի է՝ ոչ այնքան մարդկանց դիտողութիւնն, որքան պատշաճ դատողութիւնն եւ անուանադրութիւնն: Ա՛լ աւելի զարմանալի է՝ այդպիսի յայտարար անուանց՝ անյայտ կերպով մը ծագիլն եւ դրուիլն. ամենքն գիտեն եւ կրկնեն այն սեփականեալ կոչմունքը, եւ ոչ ոք գիտէ թէ ո՛վ հնարեր եւ տուեր է անոնց` մինչեւ կըրնայ համարձակապէս ձայն Աստուծոյ ըսուիլ եւ այդպիսի ժողովրդական անուանադրութիւն մը։ Քան զբազումս յազգաց եւ ժողովրդոց գերազանց երեւի ազգս Հայոց այսպիսի անուանց պատշաճադրութեան մէջ. եւ շատ հնուց սկսեր է դատել եւ կնքել իրենները. այսպէս տեւողական փոխարէն մ՚ընծայելով անոնց արժանեաց։

Մեր բնիկ նախնեաց՝ Հայկազանց՝ շատին ա, անուանքն նշանականք են, եւ թուին յետոյ յարմարեալ ըստ իւրաքանչիւր գործոց կամ հանգամանաց, ինչպէս Շարա, Անուշաւան, որ եւ Սօս, եւ յայտնապէս՝ Գեղեցիկն Արայ, որոյ հակառակ եւ Անգեղեայն Տորք. եւ նոյն ինքն նահապետն ազգիս Հայկ՝ իր ճարտար նետաձգութեանն համար՝ Աղեղնաւոր ։ Արշակունեաց ատեն ալ թագաւորք եւ զօրավարք նշանակուած են մականուամբք: Տըրդատ՝ Սէգ, իր որդին Խոսրով՝ պզտիկ ըլլալով մարմնով՝ Կոտակ. Սմբատ Սպարապետն Բ Արտաշիսի՝ Այրաքաջ. Մուշեղ Մամիկոնեան՝ ի վերջ Դ դարու՝ Քաջակորով. որ եւ Սպիտակաձի ՝ ըստ Շապհոյ արքայի Պարսից. իր ցեղէն սրբազանեալն Վարդան՝ Քաջ եւ Կարմիր ։ Եւ յետ սոցա այլք պէսպէս յարմար կոչմաբք. ոմն Գայլ ՝ Վահան, ոմն Մսակեր ՝ Աշոտ, ոմն Երկաթ (Աշոտ Բ), ոմն Ողորմած (Աշոտ Գ), ոմն Տիեզերակալ (Սմբատ Բ), եւ այլն։

Բայց աւելի որոշ եւ բացայայտիչ են մտաւոր զօրութեանց յայտարար կոչմունքն, ինչպէս, Անյաղթ ՝ Դաւիթ, Քերդողահայր ՝ Մովսէս Խորենացի, Վէրծանող ` Մամբրէ, Ճարտասան ՝ Ղազար, Իմաստասէր ՝ Յովհան Դ, Հռէտոր՝ Խոսրովիկ, Համարող ՝ Անանիա, Սոփեստէս ՝ Սարկավագ Վ., Մեղրիկ ` Գէորգ, Վկայասէր Գրիգորիսեանք, եւ միանգամայն վարժապետքն եւ հարք դպրութեան լեզուիս՝ Թարգմանիչք, եւ յատկաբար ՚ի նոսա՝ Ս. Սահակ եւ Մեսրովբ. ետքինս` կոչուի եւ Մաշտոց, յատուկ կամ ծիսական նշանակութեամբ՝ քան բնիկ անուամբ։ Թողունք ըստ գործոց եւ բարուց անուանեալքը, որպէս Շինօղ ՝ Ներսէս Գ, Մեծաբարոյ ՝ Յովհաննէս Է, եւ ըստ դիպաց՝ որպէս, Գետադարձ, Քարավէժ, Մաշկէւոր, Ոսպնակէր, Ձագայարոյց, եւ այլն, եւ այլն։

Այլ առաւել եւս քաջայայտ եւ վսեմականք են կրօնական կամ խառն Հոգեւոր եւ մտաւոր տեսութեամբ ընծայեալ անուանք ազգայնոցս առ ազգայինս. որոց անտարակոյս առաջին եւ վեհագոյն է աշխարհածանօթն Լուսաւորիչ ՝ Գրիգոր, այնքան գեղեցկայարմար՝ մինչեւ իր արժանաւոր Հետեւողաց ալ՝ չկարեցան յետինք ուրիշ անուն տալ քան Երկրորդ Լուսաւորիչ [1], սկսեալ Մեծացն Ներսիսէ եւ Սահակայ։ Այս վեհագոյն եւ յանկագոյն կոչման հաւասար, եւ թերեւս քան զայն համապատշաճ ընծայելոյն՝ գտնեմ Շնորհալի կոչումը Ներսիսի Դ կաթողիկոսի մերոյ։ Լուսաւորի՜չ եւ Շնորհալի՜. որ եւ է քաջակշիռ քննադատ ոչ ասոնցմէ գեղեցկայարմար անուն կըրնար գտնել ընծայելու, եւ ոչ արժանաւորագոյն անձինք՝ ժառանգելու։ Փափագէի այս երկուքին մէջ դնել զայն՝ որ թէ եւ բազում իրօք եւ բազմագոյն եւս սիրով մերն է, այլ եւ արեամբ եւ լեզուաւ ըլլար յատկապէս, Ոսկիբերանը ։ Այլ թէ հարկ է մեզի սեփականագոյն այսպիսի երրորդութիւն մը կազմել, ամենայն համարձակութեամբ կըրնաք միջադասել զՊարթեւն Ս. Սահակ, իրեն սեփականագոյն եղած գրաւոր կոչմամբն անուանելով՝ Թարգմանիչ. եւ եթէ Մ. Խորենացի պատմահայր մեր սիրէր մեր հիներէն երրեակ մը կազմել եւ «կոչել այսպէս՝ ըստ քաջութեան, Հայկ, Արամ, Տիգրան, քանզի՝ Քաջաց ազգ քաջքն». աւելի եւս մեք՝ կըրնամք ըստ սրբութեան, իմաստութեան եւ գիտութեան՝ կոչել Լուսաւորիչ, Թարգմանիչ եւ Շնորհալի ։ Այս ետքի կոչումս՝ Ներսիսի աւելի յայտանիշ եւ պանծալի եղաւ՝ քան իր երկու ուրիշ կոչումներն ալ, Կլայէցի եւ Երգողն ։ Փոխանակ առաջնոյն կ՚ըսուի եւս Շնորհաց Տէր Ներսէս [2] ։

Բայց ի՞նչ են Շնորհք՝ որովք լի համարուի մերս Ներսէս. եւ ուսկի՞ց, եւ ե՞րբ նախ այդպէս անուաներ է։ Ըստ սովորական նշանակութեան՝ շնորհք կ՚իմանամք տուրք մը, եւ ՚ի մասնաւորի՝ երկնապարգեւ տուրք մ՚առ բանականս, զարդարիչ եւ զարգացուցիչ մտաց եւ հոգւոյ. եւ ալ աւելի յատուկ քրիստոնէական մտօք՝ աստուածային ձիրք եւ զօրութիւն մը, որով մարդ կըրնայ հաճոյանալ Աստուծոյ, անոր օգնականութեամբը եւ յայտնեալ կրօնից խորհըրդովք։ Նաեւ մարդկան արտաքին եւ կենսական առաւելութիւնքն ալ շնորհք կ'ըսուին. ինչպէս, քաջողջութիւն, ոյժ, Ճարտարութիւն, շարժուածք, եւ այլն, եւ մանաւանդ բարեկազմութիւն մարմնոյն կամք իրերապատշաճութիւն մասանց, որ է եւ գեղեցկութիւն։ Սակայն գեղեցկութեան իսկ կատարելութիւնն է շնորհք. քանզի կըրնայ ըլլալ արտաքին ձեւով եւ չափով գեղեցիկ մը, այլ ներքին վայելուչ յատկութիւններէ զուրկ՝ անշնորհք մնայ, եւ գեղեցկութիւնն իսկ ոչ ցուցիչ եւ հանգուցիչ. ընդհակառակն նուազագոյն գեղեցկութիւն մ՚ալ կըրնայ սրտագրաւ շնորհք ունենալ. վասն զի շնորհքն ալ մարդուս ներքին եւ էական բնութեան (հոգւոյն) զօրութեանց յարմարակցութիւնն է. որ եթէ եւ ընդ արտաքնոյն միանայ՝ կատարել գեղեցիկ եւ շնորհալի կընէ զանձը։ Այնչափ է ազդեցութիւն յարմարակցութեան մասանց եւ յատկութեանց ՚ի մարդս, մինչեւ նիւթական շինուածք անգամ՝ երբ պատշաճսպէս չափակազմեալ ըլլան՝ շնորհաւոր կըսուին։ Գուցէ մեր լեզուին Շնորհք բառն ալ այս շէնքի յարմարակազմութեան գաղափարէն առնուած է, եւ ասոր Համար ռամկօրէն կ՚ըսուի շէնք շնորհք կայ, չկայ, շէնքով շնորհքով վարիլ, եւ այլն։ Սակայն բառին անսովոր եւ նորանշան վերջաւորութիւնն ալ որհ մասնըկամբ՝ կըրնայ կարծեցընել հին եւ դիցաբանական ծագում մը, ուրհի իգական աստուածազան իմաստով, նման յունական եւ լատինական դիցաբանութեանց Խա՛րիս եւ Կրա՛ցիե անձնաւոր շնորաց։ Արդ շնորհալի անձ մը՝ կ՚իմացուի հարուստ հոգեկան ձրիւք, որ միանգամայն եւ պատշաճապէս յարմարակցեալ են՝ թէ իրենց մէջ եւ թէ արտաքին մարմնական ձրիցը։ Այսպիսի ոմն էր ուրեմն մերս Ներսէս, առաւելեալ քան զբազումս ՚ի մարդկանէ, եւ քան զամենն՝ իր ատեն մերձաւոր սահմաններ, եւ նաեւ քան զհամակարգսն՝ իրմէ շատ ատեն առաջ եւ վերջը։

Եթէ մեծ եւ ամենամեծ բաղդ է այսպէս ըլլալն, ոչ փոքր բաղդ սեպելու է եւ զայնպիսին լաւ ճանչնալը. եւ ոչ փոքր գովութեան արժանաւոր նա՝ որ նախ պատշաճեցուց եւ ընծայեց իրեն այդ կոչումը։ Չեմք գիտեր թէ երկնաւոր եթէ երկրաւոր ոք էր այս գովելին. վասն զի աւանդութիւն է՝ թէ հրեշտակ մը պատուիրած ըլլայ Շնորհալեի կոչել զՆերսէս, այլ ինչ հաւանագոյն երեւի թէ մարդ կամ մարդիկ՝ գերազանցեալ կամ յառաջեալ քան զհրեշտակս՝ աստուածայնապէս պատշաճեցուցին մեր կաթողիկոսին զայս կոչում։ ԵՎ չէին ալ կըրնար չընել այնպէս՝ եթէ տեսողք եւ լսողք էին անոր մաքուր վարուց, քաղցր կենակցութեան, վայելուչ խօսից եւ շարժուածոց, բազմազան գիտութեանց, ամենապատիկ լաւութեանց եւ գերագոյն առաքինութեանց , եւ եզական յատկութեանց. երբ իր շատ նախորդները եւ յաջորդներն ալ շարակարգելով` ինքնին արտափայլէր ասոր գերազանցութիւնն. երբ հանդէս ընելով ասոր եւ անոնց վաստակոց` գտնուէր սա ազգին ամենէն մեծ կամ մեծաց հաւասար աստուածաբան, վայելչաբան, չափաբան, բանաստեղծ եւ երգիչ. երբ տեսնուէր մեր եկեղեցական պաշտամանց վերջին վայելչութիւն եւ հարստութիւն տուող. երբ ճանչցուէր ճշմարիտ քահանայ եւ հովիւ մը ըստ հոգւոյ նախատիպ քահանայապետին Քրիստոսի. երբ հրաշափառապէս փայլէր ՚ի դէմսն, ՚ի շրթունս եւ ՚ի գիրս՝ յիսուսականն հանդարտ եւ հանգուցիչ հեզութիւն. երբ երեւէր ՚ի ծնէ մինչեւ ի յետին հասակը` 70 տարի անդադար աշխատող միայն յօգուտ եկեղեցւոյ, դպրութեան եւ շինութեան ազգին, եւ բարեզարդութիւն իր ներքին մարդոյն. երբ նկատուի որ եօթն երկար դարուց բարդեալ եւ բրգեալ յունական եւ հայկական ատելութիւնք՝ ասոր բերնով եւ գրչով կը թուլնան կը քայքային, եւ երկու ազգի ապառաժ սիրտք՝ իբրեւ երկու հրահալ մետաղք՝ կը դրդին կը տըռփան իրար ձուլուելու, երբ այս ամեն բաներով ճոխացեալ անձ մը՝ իբրեւ ամենայն հոգեկան, մտաւոր եւ մարմնաւոր ձրիւք ներդաշնակեալ գործիք մը` հնչէ զմայլեցընելով զՀայ եւ զՅոյն, զԼատին եւ զԱսորի, զմերձաւոր եւ զհեռաւոր. աննախանձ նկատողին խիղճն ալ չի կըրնար չկանչել բարձրաձայն, թէ այդպիսի նախախնամեալ աստուածապարգեւ անձ մը՝ հարկ էր որ ըլլայ Շնորհալի։

Եթէ այս բազմափայլ ձիրքերն առանձնաբար առնուին՝ գուցէ գտնուին, եւ յիրաւի ալ գտուին թէ յօտարս եւ թէ ՚ի մերայինս՝ ոչ սակաւ շնորհաւորք, թերեւս աւելն իսկ քան զՆերսէս՝ յայսմ` կամ յայնմ մասին. այլ ոչ ոք հաւասար իրեն ամենով մէկտեղ՝ շնորհալի։ Շատ պայծառ կ՚երեւի իր այս առաւելութիւնն, եթէ թողլով մեր ազգին որ եւ է ընկերական դասերը, քննենք միայն ամենէն բարձրագոյնը, Ներսիսի կարգակիցները, այսինքն զկաթողիկոսս ։ Թարգմանչաց օրերէն մինչեւ ՚ի Շնորհալի 700 տարի էր, իրմէ ալ մինչեւ ՚ի մեզ՝ 700 տարի. այս 14 դարուց մէջ թէ եւ ոչ սակաւ արժանաւոր եւ հանճարաւոր կաթողիկոսք կացին ՚ի Հայս, սակայն մեր եկեղեցին որ առատապէս պատուէ զսուրբս, այլ արդարապէս ալ մեծս պահանջէ ՚ի մեծաց, հիմայ այն երկարաշար 150 կամ 160 հայրապետաց մէջ՝ մէկ սուրբ մը միայն կը տօնէ յատկապէս. եւ այս մէկս է Ներսէս Դ, Շնորհալին մեր։ Իր մերձաւոր եւ ազգակից նախորդաց եւ յաջորդաց մէջ ալ կային շնորհաւոր եւ առաքինի կաթողիկոսունք, այլ միայն իրեն շնորհեցաւ տօնախմբութեան պատիւն ալ, թէ եւ Յայսմաւորք մէկ անուամբ ալ յիշեն զԳրիգորեանս եւ Ներսիսեանս. գուցէ եթէ անոնք առանձին ժամանակ երեւցած ըլլային՝ աւելի պայծառ պաշտելի ալ ըլլային. բայց Ներսիսի մեծագույն լուսափայլութեան քով նուազ իմն մնացին, մինչեւ իր հարազատն իսկ Գրիգորիս, որ վարուք ալ սրբագոյն էր քան զայլսն։ Բայց այս ալ յայտնի է որ Ներսիսի առաւելութիւնն չէր միայն ՚ի սրբութեանն. քանզի հայրապետէ միայն վարուց սրբութիւն պահանջել՝ կատարեալ պահանջ չէ. այնպիսի առաջնորդի մը՝ ուրիշ կարեւոր ձիրք ալ պէտք են, զոր եւ պիտի ցուցընէ մեզի Ներսիսի վարուց քննութիւնն, եւ յայտնէ իր շնորհալիութեան պատճառները։ Առ այժմ բաւական ըլլայ այս կարճ յիշատակս ալ՝ գոնէ փափագել տալու, ճանչնալ այս զարմանալի անձը, որ այնքան հարիւրաւոր կարգակցաց մէջ՝ մէկհատիկ եղեր է բազմապատիկ շնորհափայլութեամբք, եւ աւելի փափագել՝ ունենալու երկրորդ Շնորհալիներ, ինչպէս երկրորդ Լուսաւորիչներ. եւ եթէ չեն երեւիր երկրորդքն՝ զարմանալ եւ գոհանալ առաջնոց վրայ, երախտագէտ եւ երախտագիւտ ըլլալ անոնցմով։ Զի ոչ հարեւանցի ծանօթութեան կամ պարծանաց համար տրուած են մեզի, ո՜վ Հայազ. գիք, Լուսաւորիչ մը, Թարգմանիչ մը եւ Շնորհալի մը, այլ ՚ի մշտնջենաւոր յիշատակ եւ յօրինակ, յօգուտ եւ խրատ։ 



[1]     Խղճալի Է որ յոմանց շռայլութեամբ այսպէս կոչուած են երբեմն այնպիսի անձինք ալ՝ որոց ոչ միայն լուսաւորիչ ըլլալն այլեւ լուսաւորեալ ըլլալն՝ տարակուսական է։

[2]  Ոմանք սխալմամբ կարծեր են այս կոչումն տրուած Ներսիսի Լամբրոնացւոյ. թէ եւ սա ալ արժանի նման կոչման մը, մինչ ինքնին ստիպուած Է իմացընելու, որ Լատինք զինքը Երկրորդ կամ Նոր Պօղոս Առաքեալ կոչէին: