ԺԳ.
Նորոգութիւն
Աղուանից
կաթողիկոսութեան.
—
Վահրամ
եւ
Վասակ
հօրեղբարք
Շնորհալւոյ՝
իշխանք
յԵգիպտոս.
—
Այցելութին
Գրիգորիսի.
—
Հայ
Վզրուկք
յԵգիպտոս։
Գրիգորիսի
յաթոռէն
Հեռացած
ատեն
եւ
հաւանօրէն
յԱնտիոք
եղած
ատեն,
զոր
Կիրակոս
պատմիչ
յարեւմուտս
գտուիլ
կըսէ,
«Էր
նա
՚ի
կողմանս
արեւմըտից»,
փոխանակ
Արեւմտեայց
քով
ըսելուն
[1],
իրեն
նուիրակութիւն
մ՚եկաւ
Աղուանից
աշխարհէն,
1139
տարւոյն
սկիզբները,
այն
տեղին
համար
կաթողիկոս
մը
դնելու։
Հայոց
ամենէն
մերձաւոր,
հաւատակից
եւ
հաւատարիմ
ժողովուրդ՝
Աղուանք
եղած
էին,
Տրդատայ
եւ
Գր.
Լուսաւորչի
օրերէն
սկսեալ,
երբ
սա
իրենց
առաջնորդ
խաւրեց
իր
թոռը՝
Գրիգորիս
պատանին.
եւ
անկէ
ետեւ
սովորութիւն
եղաւ
որ
՚ի
Հայոց
առնուն
իրենց
եպիսկոպոսապետաց
ձեռնադրութիւնը,
եւ
ալ
աւելի
կապուեցան
իրարու
հետ,
երբ
՚ի
վերջ
Զ
դարու
կամ
ի
սկիզբն
Է-ին՝
Հայք
ուզելով
իրենց
կաթողիկոսը
պատրիարք
անուանել
զԱղուանիցն
Արքեպիսկոպոս
անուանեցին,
Վրացը՝
Մետրապօլիտ,
որ
աւելի
ստորին
աստիճան
համարուէր.
ընդ
որ
տհաճեցան
Վիրք,
որ
աւելի
մեծ
ազգ
էին,
սակայն
որովետեւ
Աղուանք
անմիջապէս
Քրիստոսի
աշակերտներէն
ընդ
ունած
էին
սուրբ
կրօնքը՝
Հայք
զասոնք
նախամեծար
սեպեցին.
ասկից
ծագեցաւ
կ՚ըսեն
ոմանք
ի
պատմըչաց
մերոց՝
Վրաց
գժտիլն
եւ
զատուիլն
՚ի
Հայոց։
Թողլով
զանոնք՝
ստոյգ
է
որ
մեր
եկեղեցական
պատմութեան
մէջ
շատ
հեղ
կը
տեսնուի
Հայոց
եւ
Աղուանից
յարաբերութիւն
գրեթէ
առանց
Հայոց
Աղուանք
ժողով
չէին
ըներ.
մերոց
Ժողովոց
եւ
կաթողիկոսի
ձեռնադրութեան՝
շատ
հեղ
ներկայ
կ՚ըլլար
անոնց
կաթողիկոսն։
Երբ
Յովհաննէս
Բագրատունի
թագաւոր
մերժեց
զՊետրոս
Գետադարձ
յաթոռոյ՝
Աղուանից
կաթողիկոսն
եկաւ
միջնորդելու
հաշտութեան,
եւ
նորէն
յաթոռը
նստուցանելու
զՊետրոս։
Վերջերն
ալ
պիտի
տեսնենք
որ
Շնորհալի
Միաբանութեան
խնդրոյն
Համար
անհրաժեշտ
հարկ
կը
սեպէր
Աղուանից
կաթողիկոսին
ներկայութիւնը,
ինչպէս
որ
յիրաւի
ալ
ներկայ
եղաւ
եւ
գահագլուխ՝
յետ
Գրիգորի
Տղայոյ
մեր
կաթողիկոսին՝
՚ի
ժողովն
Հռոմկլայի,
հետ
40
տարւոյ
մեր
հիմակուան
յիշելու
դէպքէն։
Գրիգորիսի
կաթողիկոսութեան
սկիզբները
Աղուանից
ալ
մանկահասակ
կաթողիկոս
մը
դրուած
էր,
Ստեփանոս
անուամբ,
որ
եւ
սակաւակեաց
եղաւ,
յետ
տարւոյ
եւ
կիսոյ
վախճանելով.
անկէ
ետեւ՝
չի
յիշուիր
ի՛նչ
պատճառաւ՝
աթոռն
անյաջորդ
մնաց
ութ
տարի
[2],
իրենց
սակաւաթիւ
եպիսկոպոսունք
ալ
գրեթե
բոլոր
մեռան,
մինչեւ
օտար
թեմեր
կը
խաւրէին
քահանայացուները
ձեռնադրուելու։
Արդ
այս
միջոցիս
վարդապետք
աշխարհին,
(որ
ոչ
էր
հին
աշխարհն
Աղուանից՝
Կովկասէն
անդին,
այլ
մեր
Հայոց
Ուտի
եւ
Արցախ
նահանգներն),
ժողովելով
՚ի
խորհուրդ՝
առաջնորդութեամբ
Գրիգորի
վարդապետի
Թոքակերի
որդի
կոչելոյ՝
աշակերտի
մեծանուն
Դաւթի
Ալաւկայ
որդւոյն
(+
1130)
զորս
յիշեցի
(131),
կաթողիկոս
ընտրեցին
Գագիկ
անուամբ
պատանին՝
նախորդ
կաթողիկոսին
Ստեփանոսի
հօր
(Կարճկի)
եղբօր
(Գէորգայ)
որդին
(եւ
թոռն
Կարապետի).
արժանաւոր
վարդապետ
մ՚ալ
նուիրակ
խաւրեցին
առ
կաթողիկոսն
Հայոց,
խնդրելով՝
որ
եկողը
եպիսկոպոս
ձեռնադրէ,
եւ
անոր
հետ
ինքն
ալ
պատուաւոր
եպիսկոպոս
մը
խաւրէ՝
որ
զուրիշներ
ալ
ձեռնադրեն
եւ
ապա
զկաթողիկոսն
ալ։
Կատարեց
Գրիգորիս
անոնց
խնդիրը.
եւ
եթէ
ստոյգ
է
Կիրակոս
Պատմըչին
ըսածը՝
հարկ
է
որ
յԱնտիոք
եղած
ատեն
ձեռնադրած
ըլլայ
զնուիրակն
Աղուանից,
որոյ
ընկեր
դրաւ
զՍահակ՝
իր
Դրան
եպիսկոպոսը,
որ
անուանէր
եւ
եպիսկոպոս
Կարնոյ՝
ասոր
յանձնելով
իր
կողմանէ
ձեռնադրել
իրենց
եպիսկոպոսապետը։
Ըստ
այսմ՝
երբոր
հասան
յԱղուանս՝
քանի
մ՚եպիսկոպոս
ձեռնադրեցին
(12,
ըստ
Կիրակոսի),
քանի
մ՚ալ
մօտակայ
կողմերէն
ժողովեցին.
եւ
նոյն
տարին
Հոգեգալըստեան
տօնին
ժողովեցան
մեծ
հանդիսիւ
՚ի
բերդաքաղաքն
Տաւուշ,
ուր
Բագրատունեաց
ցեղէն
փոքր
թագաւոր
մը
նստէր,
Աբաս
անուն,
նոյնպէս
փոքրիկ
թագաւոր
եղբայր
մ՚ալ
ունէր
ուրիշ
բերդաքաղաքի
մը
(Մածնաբերդ)
տէր՝
Դաւիթ
անուն,
մէկ
(եպիսկոպոս)
եղբայր
մ՚ալ՝
Ստեփաննոս
անուն.
որք
եկան
հօն
հանդերձ
վարդապետօք
եւ
եպիսկոպոսօք,
եւ
առաջնորդութեամբ
Սահակայ՝
ձեռնադրեցին
զԳագիկ
՚ի
կաթողիկոս,
անունն
ալ
փոխելով
՚ի
Գրիգորիս։
Յետոյ
նորէն
ժողովեցան
առջինէն
աւելի
եկեղեցականք
եւ
կրօնաորք
Վարդավառի
տօնին՝
Կաթողիկոսի–քար
ըսուած
բերդը,
եւ
երկու
եպիսկոպոս
ձեռնադրեց
նորընտիր
կաթողիկոսն,
ու
մեծ
պանդիսիւ
միւռոն
օրհնեց
եւ
բաժնեց
[3]
։
Գրիգորիս
կաթողիկոսի
Երուսաղեմայ
ճանապարհորդութեան
վրայօք
ուրիշ
յիշատակ
չկա
առ
պատմիչս.
այլ
շատ
հաւանական
եւ
գրեթէ
անտարակոյս
ալ
երեւի
որ
անկէ
անցած
ըլլայ
յԵգիպտոս,
այցելութիւն
սուրբ
տեղեաց,
այսինքն
Ս.
Հարց
ճգնաւորաց
վանորէից,
միանգամայն
եւ
իր
իսկ
հօրեղբարց
գերեզմանաց,
եւ
գուցէ
դեռ
մօտ
՚ի
գերեզման
ապրող
եւ
ճգնող
ծերունւոյ
մը։
Մեծ
Վկայասիրին
հօն
երթալուն
դիպուածին
յիշեցինք,
որ
իր
քեռորդին
եւ
համանուն
Գրիգորիսը՝
Եգիպտոսի
եւ
Պաղեստինու
առաջնորդ
կարգեց
արքեպիսկոպոսական
պատուով,
զոր
ոմանք
եւ
պատրիարք
եւ
կաթողիկոս
կ'անուանեն.
եւ
սա
ըստ
խոստման
քեռւոյն
առ
Խալիֆայն
Եգիպտոսի՝
շատ
Հայեր
կանչեց
եւ
բնակեցուց
անոր
իշխած
երկիրներուն
մէջ.
ասոնց
հետ
հրաւիրեց
եւ
եկան
իր
երկու
իշխանազուն
եղբարքն
ալ՝
Վահրամ
եւ
Վասակ.
միայն
իրենց
միւս
եղբայրն՝
Ապիրատ՝
հայր
մերոյ
Գրիգորիսի
եւ
Շնորհալւոյ՝
մնաց
իր
հայրենի
ժառանգութեան
մէջ։
Վահրամ
եւ
Վասակ
Խալիֆայից
ծառայութեան
մէջ
մեծ
պատիւ
գտան,
մանաւանդ
զինուորութեան
կարգին,
յորում
եւ
բարձր
աստիճանաց
հասան.
զոր
եւ
համառօտիւ
իմն
յիշէ
Շնորհալին
Վիպասանութեանը
մէջ.
«Ըզհամազգիս
ըզկնի
ձըգեալ
Զարի
եղբարս
իւր
քաջացեալ,
Ըստ
Յեսովայ
զօրապետեալ.
Որոյ
Վահրամ
վերաձայնեալ,
Միւսոյն
Վասակ
անուանադրեալ.
Որք
վեհագոյն
փառս
ընկալեալ
Եւ
մեծարգի
պատուոյ
հասեալ.
Ըզպատերազմ
ազանց
վանեալ,
Հակառակաց
յաղթող
գըտեալ.
Վասն
այսորիկ
շըքեղացեալ,
Եւ
աշխարհի
նոցունց
տիրեալ»։
Վիպասանութեան
վերջին
տողերն
մեծ
եւ
յիշատակաց
արժանի
դիպուած
մը
կ՚ակնարկեն,
զոր
արժան
է
քիչ
մը
բացայայտել,
արաբագիր
քրիստոնեայ
հեղինակաց
թողած
աւանդութեամբք։
Յետ
մահուան
Էպուլ-Մանսուր
Ամէր
խալիֆայի
Եգիպտոսի՝
իր
յաջորդին
Հաֆէտ
Լէտինիլլահի
իշխանութեան
սկիզբը՝
(1130)
շատ
շփոթութիւն
եղաւ
տէրութեան
եւ
ժողովրդեան
մէջ,
պատՃառաւ
անխոհեմ
եւ
անհանդարտ
բարուց
եւ
գործոց
իր
վէզիրին,
որ
իր
որդին
ըլլալով՝
համարձակ
եւ
յանդուգն
կը
գործէր.
ժողովուրդն
եւ
իշխանք
ձանձրացած՝
եւ
մէկմէկու
վրայ
կասկածելով,
դիմեցին
առ
խոհեմ
եւ
ծերունազարդ
իշխանն
եւ
զօրավարն
Վահրամ,
(զոր
Պէհրամ
Թակէտտուլահ
անուանեն),
որ
երկար
տարիներ
թէ
տէրութեան
ծառայեր
էր
հաւատարմութեամբ,
եւ
թէ
իր
կրօնից
եւ
ծիսից
անփոփոխ
պահպանութեամբ,
որով
թէ՛
քրիստոնէից
եւ
թէ՛
բնիկ
տեղացեաց
սիրելի
եւ
վստահանալի
եղած
էր։
Վահրամ
իրեն
պարտք
սեպեց
այս
պաշտօնս
ալ.
խալիֆային
հաւատարիմ
եղած
զօրօք
եւ
իր
իսկ
համազգի
Հայ
գնդով՝
սկսաւ
դիմել
՚ի
մայրաքաղաքն
Գահիրէ.
խռովարար
վզրուկն
(էլհաչէՆ)
Վահրամայ
ոտնաձայնը
լսելուն՝
մէկէն
թողուց
փախաւ
ԳաՀիրէ
եւ
Խալիֆայն
իբրեւ
հրեշտակ
խաղաղութեան
ընդունեցան
զՎաՀրամ.
եւ
խաղաղութիւնն
ապահովելու
համար՝
աղաչեցին
եւ
ստիպեցին
զնոյն
ինքն
Վահրամ՝
Խալիֆային
երկրորդ
ըլլալ,
այսինքն
վզրուկ,
եւ
տէրութեան
հազարապետ։
Կամաւ
կամ
ակամայ
յանձնառու
եղաւ
Վահրամ
այն
անակնկալ
եւ
գերագոյն
պատուոյն
(1134).
եւ
խոհեմութեամբ
կառավարեց
քանի
մը
տարի։
Բայց
հալածեալ
վզրուկին
կուսակիցք
սկսան
քիչ
քիչ
ձայն
վերցնել
եւ
գանգատիլ,
թէ
իսլամի
ձեոքէն
իշխանութիւնն
վերցուեցաւ,
եւ
ամեն
բան
Հայոց
անցաւ.
օր
մ՚ալ
միաբան
ժողովելով՝
իրենց
հաւատոց
գրքերը՝
Կուրանը՝
նիզակներնուն
ծայրը
կախած,
ելան
դիմեցին
յարքունիս՝
կանչուըռտելով
եւ
աղմըկելով:
Հայոց
հեծեալքն
եւ
աղեղնաւորք՝
որք
Խալիֆային
եւ
Վահրամայ
պաշտպանք
եւ
հաստատութիւնն
էին՝
ուզեցին
ցրուել
զանոնք:
Բայց
Վահրամ
արգիլեց:
Զասոնք
հալածել՝
շատ
դիւրին
բան
է,
ըսաւ,
բայց
տեղւոյս
տէրութիւնն
եւ
պաշտօնք՝
իրաւամբք
մերը
չեն,
այլ
այլազգեացս
հարկաւ
օր
մը
նորէն
իրենց
ձեռքը
պիտի
անցնին,
եւ
կըրնան
այն
ատեն
սաստիկ
վրէժխնդրութիւն
ընել.
լաւ
է
որ
հիմակուընէ
թողունք
իրենց,
եւ
մերինը
առնըլով՝
երթանք։
Հրամեց
Հայոց
որ
ուզածնին
առնուն,
եւ
իրենց
ինչերով
եւ
զէնքերով
ելլեն
քաշուին
Սայիտայ
կողմը,
ուր
իր
եղբայրն
Վասակ
կ՚իշխէր,
հին
Թեբէի
քովերը
նստած։
Խալիֆայն
շատ
տխրութեամբ
թողուց
զՎահրամ.
մանաւանդ
երբ
ապստամբաց
գլուխն
Ռոտովան
անարգել
առաջ
եկաւ,
եւ
իշխանութիւնը
ձեռք
ձգելը
բաւական
չսեպելով՝
ուզեց
Հայերը
ջնջել։
Զօրքերը
շատցընելով՝
վազեց
Վասակայ
վըրայ,
քաղաքը
պաշարեց`
եւ
վախնալով
որ
Վահրամ
ետեւէն
չհասնի՝
ծածուկ
իմաց
տուաւ
ներսը
եղող
մահմէտականաց
եւ
դաւով
սպաննել
տուաւ
զՎասակ,
ու
տիրեց
քաղաքին։
Քիչ
ատենէն
հասաւ
Վահրամ
իրեններովը
եւ
ինքն
ալ
պաշարեց
զՌոտովան.
սակայն
տեսնելով
որ
պաշարումն
շատ
երկար
պիտի
քշէ,
որովհետեւ
քաղաքն
շատ
պաշար
ունէր,
ընդհակառակն
իր
բանակին
պաշարը
կարճ՝
էր,
մեծ
որոշմունք
մ՚ըրաւ
ինքն
իր
վիճակն
եւ
բաղդն
ընտրեց.
զօրացը
պատուէր
տուաւ
ցրուելու,
ինքն
սուրին
տեղ
խաչ,
սաղաւարտին
տեղ
կնգուղ
առնըլւվ՝
քաշուեցաւ
Սայիտեայ
վանքի
մը
մէջ.
մնացեալ
կեանքն
աղօթքով
եւ
ճգնութեամբ
կնքելու։
Ռոտովան
անկասկած
մնալով,
եւ
վատութեամբ`
Հայոց
քաջ
կռուողներէն
առնուլ
չկրցած
վրէժը՝
անոնց
կրօնաւորներէն
առնուլ
ուզեց՝
դարձաւ
նորէն
յիշխանանիստն՝
որոյ
մօտերը
կար
Հայոց
վանքն
Զահիր
կամ
Զահիրատ
ըսուած
տեղ
մը,
ուր
նստէր
եւ
Անանիա
արքեպիսկոպոս,
յաջորդն
Գրիգորիոսի,
(եղբօր
Վահրամայ
եւ
Վասակայ).
թէ՛
զսա
եւ
թէ՛
զվանականքը
թրէ
անցուց։
Յետոյ
քննելով
եւ
իմանալով
Վահրամայ
ուր
ըլլալը՝
մարդ
ղրկեց
որ
զինքն
ալ
բռնեն.
Վահրամ
դէմ
չկեցաւ.
այլ
իրեն
կրօնաւորական
ձեւն
եւ
իր
աննկուն
սիրտն՝
կապեց
եկողաց
ձեռուըները,
թուլացուց
Ռոտովանի
խստասրտութիւնն
ալ՝
որ
թող
տուաւ
անոր՝
ապրելու
այս
նորատեսակ
խարազնազգեաց
սպառազինութեանը
մէջ:
Սակայն
անոր
հին
բարեկամն
եւ
երախտապարտ
Խալիֆայն՝
շատ
աղաչանք
խաւրեց
Վահրամայ՝
որ
նորէն
դառնայ
գայ
իր
քով.
Վահրամ
շատ
դէմ
կեցաւ,
սակայն
յետոյ,
կ'ըսեն,
յանձն
առաւ
գալու՝
իր
կրօնաւորական
կերպարանօքը
եւ
կարգօքը
եւ
այնպէս
ալ
ապրեցաւ
մինչեւ
՚ի
մահը
արքունի
դղեկին
մէջ.
եւ
երբ
մեռաւ՝
մեծ
հանդիսիւ
եւ
փառօք
յուղարկաւորութիւն
ըրին
իրեն
քրիստոնեայք
եւ
մահմետականք,
եւ
թաղեցին
՚ի
Զահիրատ
՚ի
վանս
Հայոց։
Այս
դէպքս,
Վահրամայ
իշխանութիւնը
թողուլ
եւ
կրօնաւորիլն
եղաւ
յամի
1137.
յորմէ
քիչ
տարի
վերջ
գալով
իր
եղբօրորդին
Գրիգորիս
կաթողիկոս՝
այս
կողմերս,
հաւանական
է
որ
դեռ
կ՚ապրէր
Վահրամ,
եւ
այն
ատեն
աւելի
ալ
հաւանական
կ՚ըլլայ
այս
երկուքին
տեսաւորութիւնը.
երկու
համարեանց,
եւ
մէկմէկ
կերպով
ծայրագոյն
պատուաւոր
Պահլաւունեաց.
որոց
մէկն
իր
քաղաքական
եւ
զինուորական
ասպարէզը
փառօք
չափած՝
կենաց
ընթացքն
ալ
կնքելու
մօտ
էր
կրօնաւորական
քօղով,
միւսն՝
՚ի
մանկութենէ
այն
սուրբ
սքեմով
մեծցած՝
իր
երկար
հայրապետութեան
շրջանին
կէսը
հասէր
էր,
եւ
դեռ
նոր
Սիօնի
ժողովին
մէջ՝
եկեղեցական
փառաց
բարձրագոյն
կէտը
ելած
կըրնար
ըսուիլ
[4]
։
Չուզելով
մեր
նպատակէն
շատ
խոտորիլ,
այլ
եւ
ոչ
վերոյիշեալ
ազգային
պատմութեան
անսովոր
դէպքը
եւ
հետեւանքը
անյիշատակ
թողուլ,
համառօտիւ
աւելցընեմ,
որ
Վահրամ
ուրիշ
ազգային
յաջորդ
մ՚ալ
ուեցաւ,
որովհետեւ
Ռոտովան
սաստիկ
խստութեամբ
վարուելով
քրիստոնէից
դէմ,
որ
բազմաթիւ
էին
այն
ատեն
յԵգիպտոս,
Հայք,
Ղպտիք
եւ
Ասորիք,
եւ
այլն,
ատելի
եղաւ
անոնց.
եւ
հազիւ
փախչելով
ձեռքերնէն՝
ապաւինեցաւ
առ
Խալիֆայն։
Սա
իշխանութիւնը
վերցընելով
անկէ՝
կեանքը
շնորհեց.
այլ
երբ
նորէն
խլրտալ
սկսաւ՝
սպանուեցաւ։
Իսկ
Խալիֆայն
ալ
թոյլ
եւ
անզգոյշ
մարդ
մ՚ըլլալով՝
իր
անխոհեմութեան
զոհ՝
եղաւ,
սպանուելով
իր
նոր
վզրուկէն՝
որ
կոչուէր
Ապպաս։
Սա՝
սպանութեան
յանցանքը
ուրիշի
վրայ
ձգելով
եւ
ուրիշ
անմեղներ
ալ
սպաննելով`
Խալիֆային
դեռաբոյս
որդին
յաջորդեցուց,
եւ
ինքն
իր
Նասր
որդւով՝
ուզածին
պէս
կը
կառավարէր։
Ահա
այն
ատեն
Հայ
զօրավար
մ՚ալ՝
զոր
Դալայի
կամ
Դալաս
Իպն-Ղալատ-Էլ-Մէլիք
Էսսալիհ
կոչեն
պատմիչք,
եկաւ
զօրօք
այս
բռնաւորաց
վրայ
(1154),
որք
շուտով
փախան
գացին
Ասորւոց
երկիրը,
այլ
չկարցան
ապրիլ
՚ի
վրէժխնդրութենէ.
երկուքն
ալ
մէկմէկ
կերպով,
սպանուեցան։
Դալայի
եղաւ
վզրուկ
եւ
հազարապետ
Եգիպտոսի,
միանգամայն
եւ
աներ
Խալիֆային.
եւ
բաւական
ատեն
խոհեմութեամբ
կառավարեց
հաւասար
հոգալով
զքրիստոնեայս
եւ
զմահմետականս,
ինչուան
վերջին
Ֆաթիմեան
Խալիֆային
ատեն,
որ
էր
Ատհէտ
Լէտինիլլահ
(1160–
1173)։
Ասոր
հօրքոյրն
նախանձելով
կամ
ոխութեամբ
թոյն
տուաւ՝
հայ
վզրուկին.
որ
չմեռած՝
վրէժն
առաւ
եւ
սպաննեց
զդեղատուն.
զոր
ինքնին
Խալիֆայն
իրեն
մատներ
էր
(1161)։
Դալայեայ
յաջորդեց
իր
որդին
Զառիկ
(գուցէ
ԶարեՀ),
այլ
ուրիշ
բռնաւորէ
մը
զրկուեցաւ,
որուն
ալ
յաջորդեց
հռչակաւորն
Եուսուֆ
Սէլահէտտին,
որ
եւ
տիրացաւ
բովանդակ
Եգիպտոսի
եւ
Ասորւոց։
Այս
վերջին
երկու
Հայ
վզըրկաց
հաւատով
ալ
հայ,
այսինքն
քրիստոնեայ
ըլլալն,
ստոյգ
չէ
մեզի.
իսկ
անոնց
այսպիսի
բարձր
իշխանութեան
հասնելուն
պատճառն
յայտ
է,
որ
մէկ
մը
Խալիֆայից
տկարութիւնն
էր,
մէկ
մ՚ալ
մերայնոց
ճարտարութիւնն.
եւ
եթէ
ասոնք
ուրիշ
նախանձորդներ
չունենային՝
գուցէ
աւելի
ալ
դիմանար
Ֆաթէմեանց
ցեղն
յիշխանութեան
[5]
։
Այս
ետքինս
է
անշուշտ
կամ
իր
մէկ
մերձաւոր
ընկերն,
այն
ուրացեալ
Հայ
սպարապետն
Եգիպտսոսի,
զոր
Խաչակրաց
պատմիչք
Էլմէլիք
Էլ-Աֆդալ
կամ`
Էմիրենոյ
կը
կոչէն,
(գուցէ
Էլ-Էրմանի
).
որ
յետ
Խաչակրաց
Երուսաղէմին
տիրելու,
բազմութեամբ
200,
000
զօրաց՝
վազեց
անոնց
դէմ
յԱսկաղոն,
բայց
մեծ
կոտորածով
հալածուեցաւ
եւ
դարձաւ
յԵգիպտոս։
Խաչակրաց
գործոյն
առաջին
հռչակաւոր
երգիչ
եւ
մեծ
բանաստեղծն
Իտալացւոց՝
Դասսոյ,
այս
դէպքս՝
քիչ
մը
այլայլելով,
անմիջապէս
անոնց
Երուսաղէմի
մտնելուն
ատեն՝
վրայ
հասած
կ՚ըսէ
Հայ
սպարապետը,
որ
Հաւատքին
հետ՝
Կլեմենդ
(Կղեմէս)
անունն
ալ՝
փոխեր
էր
յԷմիրեն ,
(ԺԷ,
լբ
).
Guida
un
Armen
la
squadra,
il
qual...
Fù
già
Clemente,
ora
Emiren
s'appella.
եւ
կը
գովէ
մեծ
հանճարը
եւ
քաջութիւնը.
È
duce
insieme
e
cavalier
soprano
Per
cor,
per
senno
e
per
valor
di
mano.
եւ
ամենէն
մեծ
եւ
յետին
ախոյեան
զնա
կը
դնէ
Խաչակրաց։
Միայն
բանաստեղծական
Հնարք
է
ըսելն,
թէ
յետ
բանակին
ջարդուելուն՝
յարձըկեցաւ
Խաչակրաց
Դիւցազնին՝
Կոփրետոսի
վրայ,
վիրաւորեց
անոր
ձախ
ձեռքը,
այլ
ինքն
ալ
անոր
աջէն
զարնուած
մեռաւ։
Իրաւ
է
որ
այն
պատերազմով
կը
լմըննայ
Երգողին
ալ
Երգելոյն
ալ
մեծ
գործն.
Կոփրետոս
երկրորդ
անգամ`
յաղթանակաւ
կը
մտնէ
յԵրուսաղէմ,
եւ
Չեւ
մերկացեալ
զարիւնազանգ
վերարկուն՝
Գայ
՚ի
տաճարն,
այլովքն
հանդերձ,
Պետ
զօրուն.
Կախէ
անդէն
ըզզէնս,
եւ
զուխսն
հոգեռանդ՝
Համբուրելով
զմեծ
Գերեզմանն՝
կընքէ
անդ։
Այս
տողերով
կնքէ
սիրաբաղդ
բանաստեղծն
իր
վիպասանութիւնը։
իսկ
պատմութիւնն
կաւանդէ
հաւատափոխ
Հայ
սպարապետին
համար,
որ
կոտորածէն
ապրելով
յԱսկաղոն,
երբ
տեսաւ
անոր
աշտարակներէն
իր
բանակին
բեկորները
եւ
քրիստոնէից
յաղթական
դրոշները՝
լալով
կանչած
ըլլայ.
«Այսպէս
ուրեմն
մեծ
է
եղեր
Խաչեցելոյն
զօրութիւնն՝
քան
զՄահմէտին»։
Արաբացի
պատմիչ
մ՚ալ
կաւելցընէ,
թէ
մահմետական
բանաստեղծ
մը
հիանալով
այս
բանիս
վրայ,
գրեց
այս
տողերս
քերդողաբար
առ
Ռայմոնտ
Սէն-Ժիլ
(Սնճիլ՝
մեր
Պատմըչաց),
զոր
համարէր
գլխաւոր
հաղթող.
«Մեսիայի
սրովն
յաղթեցիր,
ով
աննըման
Սէնժիլ.
աշխարհք
Աֆտալայ
կոտորուածին
նմանը
տեսած
չէր»։
Աֆտալ
իմանալով
զայս՝
սպաննել
կու
տայ
քերթողը։
Իսկ
ինքն
պատերազմին
դաշտը
եւ
քաղաքը
թողլով՝
մնացորդ
փախստականօք
կը
մտնէ
ի
նաւ
եւ
կը
դառնայ
յԵգիպտոս:
[1]
Ապա
թէ
ոչ
հարկ
էր
կարծել
թէ
Գրիգորիս
Եւրոպա
եկած
ըլլայ,
որոյ
ուրիշ
նշան
կամ
յիշատակ
բնաւ
չկայ :
[2]
Կիրակոս
Պատմիչ
25
տարի
կ՚ըսէ։
[3]
Այս
խնդալի
եւ
հոգեւոր
գործերն
քիչ
օր
ետեւ
սոսկալի
սուգ
մը
հասաւ
(30
սեպտեմբ.
1139)
այն
կողմերուն,
սաստիկ
երկրաշարժէ.
որով
ուրիշ
տեղերէն
զատ
Գանձակ
մայրաքաղաքն
ալ
գրեթէ
հիմնովին
կործանեցաւ,
բոլոր
բնակչացը
գերեզման
ըլլալով,
եւ
անոր
աւերակաց
տակ
մնացին
վերոյիշեալ
Գրիգոր
վարդապետն
եւ
իր
աշակերտակիցն
Սարգիս
վարդապետ,
որք
այն
կողմերուն
ամենէն
երեւելի
վարդապետքն
համարէին,
յետ
Դաւթի
իրենց
վարպետին.
ձեռնադրութեան
ժողովին
մէջ՝
Սարգիս
ամենէն
պատուաւոր
անձն
սեպուած
էր՝
յետ
ձեռնադրող
Սահակ
եպիսկոպոսի,
իսկ
Գրիգոր
որ
սովորաբար՝
Գանձակեցի
կ՚անուանի՝
ծանօթ
Ընթերցուածոց
մեկնութեան
գրովք,
թէպէտ
եւ
այսպիսի
մեկնու.
թեան
գիրք
գտուին
զանազան
ոճով,
զանազան
հեղինակաց
գործ,
եւ
չէ
յայտ
ո՛րն
է
իրեն
յատուկ
գործն։
[4]
Արաբագիր
պատմիչք
կ՚ըսեն
թէ
Վահրամայ
այցելութեան
եկողն
էր
իր
եղբայրն
Գրիգոր,
եւ
թէ
երկրորդ
անգամ
ալ
եկաւ
եւ
հօն
վախճանեցաւ
յամի
1146:
Յայտ
է
որ
շփոթեն՝
զթուականն
եւ
զդէպս.
նախ
կաթողիկոս
կամ
պատրիարք
կոչելով
զնա,
թէ
եւ
այս
կերպով
մը
ստոյգ
է,
ըստ
մեր
նախ
պատմածին
(33),
այլ
1146-ի
վախճանելն
անտեղի
Է.
վասն
զի
արդէն
իր
յաջորդն՝
Անանիա
ալ
սպանուած
էր
այն
ատեն:
Հաւանական
եւ
անտարակոյս
է
որ
Գրիգոր
արքեպիսկոպոս
երբեմն
երբեմն
կու
գար
իր
մեծապատիւ
եւ
մեծազօր
եղբայրը
տեսնելու,
որուն
մօտ
ալ
կը
բնակէր,
եւ
անոր
քով
ալ
մեռած
ըլլայ։
—
Գրիգոր
ցանկալի
անուամբ՝
ժամանակակից
եպիսկոպոսաց
յաճախութիւնն՝
կը
շփոթէ
կամ
տարակուսելի
կ՚ընէ
զպատմութիւնը,
տարակուսի
եւ
քննութեան
առիթ
մ՚ալ
կաւելցընեն
նոյն
արաբագիր
հեղինակք,
նոր
Գրիգոր
եպիսկոպոս
մ՚ալ
մէջ
բերելով,
զոր
չեն
յիշեր
պատմիչք
մեր.
եւ
էր
կ՚ըսեն
քեռորդի
Գրիգորիսի
եւ
Ներսիսի
զոր՝
թէեւ
իրեն
պէս
շատ
երիտասարդ
էր՝
Գրիգորիս
իր
կաթողիկոսութեան
սկիզբը
նուիրակ
խաւրեց
՚ի
Կ.
Պօլիս,
յԵրուսաղէմ
եւ
յԱղեքսանդրիա,
շատ
ընծաներով։
յԱղեքսանդրիա
Յակոբկաց
հետ
ժողովքի
մտած
եւ
հաւանած
է,
կ՚ըսեն,
եւ
հօն
էր
ամի
1117,
երբ
ներկայ
գտուեցաւ
անոնց
մեծ
եպիսկոպոսի
մը
յուղարկաւորութեան։
Շնորհալին
իր
քրոջ
(Մարեմայ)
Վահրամ
անուամբ
որդի
մը
կը
յիշէ,
որ
՚ի
կէս
ԺԲ
դարու
վախճանած
էր,
բայց
ուրիշ
զաւակներ
ալ
ունենալը
կ՚իմացընէ.
մեր
գիտցածն
այսչափ
է։
[5]
Զարմանալի
հանդիպութիւն
մ՚է
այս
աշխարհքին
(Եգիպտոսի)
մահմէտական
խալիֆայից
կամ
իշխողաց՝
Հայազգի
պաշտօնեայ
եւ
պաշտպաններ
ունենալն.
ինչպէս
մեր
դարուս
եւ
մեր
օրերս
ծանօթ
եղան
եւ
են
Հայազգի
ճարտար
առաջին
Պաշտօնեայք
տեղւոյն,
այս
պատմութեանս
միջոց
ալ
աւելի
մեծ
իշխանութեամբ՝
քանի
մը
Հայ
Վզրուկք
եղած
են,
եւ
ամբողջ
Հայ
զօրագունդ
մը,
որ
նստէր
՚ի
Գահիրէ
՚ի
թաղն
Հիւսէյինիէ։
Նաեւ
յառաջ
քան
զՎահրամ
եւ
զՎասակ՝
1080—1094-ի
միջոց
կար
Հայ
վզրուկ
մը
Պէտր-իւլ-Ճէմալ
անուամբ,
մեծ
իշխանութեամբ
եւ
զօրութեամբ,
ծեր
եւ
տկար
Խալիֆայի
մ՚ատեն,
ուսկից
ապստամբեցաւ
իր
որդին
եւ
քաշուեցաւ
յԱղեքսանդրիա.
այլ
հայրն
պաշարեց
առաւ
քաղաքը,
եւ
զորդին
բանտը
դրաւ,
ուր
եւ
մեռաւ
նա:
Ղփտեաց
եւ
Ասորւոց
եկեղեցիներէն
մէկ
քանին՝
Հայոց
տուաւ,
թէ
եւ
իր
ազգակիցներն
ալ
սաստիկ
կ՚աշխատցընէր։
Ասոր
հրամանաւ
Աղեքսանդրիոյ
պատրիարքն
(Կիւրեղ)
ժողով
մը
գումարեց
յամին
1086,
իր
ազգին
վէճերը
դադրեցընելու
համար.
այս
ժողովին
ներկայ
եղաւ
եւ
Գրիգոր
արքեպիսկոպոս
մեր՝
քեռորդի
Վկայաuիրին,
եւ
Հայոց
ու
Ղպտեաց
մէջ
եղած
հակառակութիւնը
դադրեցուցին:
Նոյն
տարին
Հայ
վզրուկն
պատուիրեց
քրիստոնէից
սեւ
գօտի
կապել
եւ
իրենց
գլխահարկին
չափը
սահմանեց:
Պէտր—իւլ-Ճէմալի
յաջորդեց
իր
որդին
Շահնշահ
որ
եւ
Էպիալ—Խասէմ,
եւ
նոյնպէս
տիրաբար
վարէր,
եւ
փոխանակ
անդրանկան
Խալիֆային՝
ուրիշ
մէկ
որդին
իշխանացուց։
Բայց
այս
Հայ
Վզրուկքս
կրօնքնին
փոխեր
էին։