Շնորհալի եւ պարագայ իւր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԻԴ.
Մխիթարականք Հիւանդաց, Uգաւորաց, Տարակուսելոց. Ուրուկք Եդեսիոյ. Իշխանն արեւելեան. Յովսեփ Նոր վկայ։

Մարդուս մարմնաւոր կենաց տառապանաց մէջ` յայտ է որ յետ աղքատութեան, զոր վերը յիշեցինք, եւ անկէց աւելի կսկծալիքն՝ են հիւանդութիւնք, եւ վերջին դիպուածն՝ մահ. այս երկու առթից նկատմամբ ալ մէկմէկ մխիթարական յիշատակ ունիմք ՚ի Շնորհալւոյ։ Առաջին առիթն էր հիւանդութեանց մէջ ամենէն խորշելին, մանաւանդ ՚ի հին ժամանակս, բորոտութիւնն. զոր եւ քրիստոնեայք անգամ երբեմն հալածէին իրենց բնակութեան uահմաններէն. ինչպէս մեր ազգին պատմութեան մէջ ալ յիշուի մասնաւորապէս Մեծին Ներսիսի օրերը. «քանզի  Բորոտք հալածեալ լինէին, կ՚ըսէ Խորենացին . Ի. ), իբր պիղծ համարեալ յօրինաց. եւ զՈւրուկս փախստեայս առնէին, զի մի ՚ի նոցանէ յայս փոխեսցի ախտն. որոց դադարք՝ անապատք եւ ամայիք, եւ ծածկոյթ՝ վէմք եւ մացառք. ոչ յումեքէ գտանել մխիթարութիւն թշուառութեանցն». որոց համար սուրբ Ներսէս շինել տուաւ հիւանդանոցներ՝ գեղերէ հեռու եւ ապահով տեղեր, որք Ուրկանոց կամ Օրկանոց ըսուեցան, եւ երբեմն յանցաւորները կը խաւրէին այն տեղ ծառայելու։ Արդ իրմէ ութ դար վերջ իրեն բազմապատիկ նմանակցին՝ մեր Շնորհալւոյն ատենն ալ՝ մերձաւոր եւ երբեմն ողբացեալ Եդեսիոյ կողմերը կային այսպիսի ուրուկք կամ բորոտք, որոց մարմնոյ ցաւէն աւելի կսկիծ կու տային՝ մարմնով առողջքն եւ մտօք տկար բնակիչք տեղւոյն. ըսելով, թէ Աստուած զձեզ երեսէ թողեր է. եւ իրենք ալ կը խորշէին, եւ հեթանոսաց պէս կը զզուէին եւ հեռացընել ուզէին զանոնք։ Տառապեալքն եւ տրտմեալք անապատէ եւ հիւանդանոցէ ապահովագոյն եւ աւելի բժշկական տեղ մը գտան, եւ միակ յարմար տեղ: - Շնորհալւոյ սիրտը։ Ցաւերնին ցաւագին բանիւք բացատրեցին գրով, եւ խաւրեցին այս Միջագետաց եւ Հայոց աստուածապարգեւ այցելուին. յայտնեցին իրենց լսածը եւ տարակոյսը, եւ կը սպասէին անոր արդարախօս բերնէն կամ գրչէն լսել Աստուծոյ վճիռը։ Չկըրցաւ բարեսիրտ հայրապետն մեր առանց արտասուաց կարդալ եւ պատասխանել անոնց խեղճութեան վրայ. եւ փութացաւ թէ ոչ զմարմիննին՝ այլ սրտերնին բժշկել եւ սրբել. մէկէն սկսելով, գրել թէ այդ ամեն ցաւերն՝ պարզապէս «է յանքնընելի դատաստանացն Աստուծոյ. այն՝ որ չափով եւ կշռով բաժանէ իւրաքանչիւրումն զօգտակարն, թէպէտ եւ մարդիկ ոչ իմանան զառողջութիւն եւ զախտաժէտութիւն որպէս եւ ձերդ տկարութիւն եւ անբուժելի ցաւք մարմնոյ՝ ոչ այլ ուստեք Է՝ քան թէ ՚ի հրամանէ կամացն Աստուծոյ։ Իսկ այնոքիկ՝ որք խռովեցուցանեն եւ զզուեն զձեզ անյուսութեան բանիւք՝ անտեղեակ են իրաւանց Բարձրելոյն, եւ արժանաւորս պատուհասի մեղանչեն թէպէտ եւ ոչ իմանան որ ըստ բարեկամացն Յոբայ՝ շարժէ ՚ի վերայ ձեր սատանայ զայնպիսին, զի ոչ միայն մարմնով՝ այլ եւ մտօք եւս տանջեսցէ զձեզ». եւ այլն։ Այս յարմար գեղեցիկ օրինակը գտնելով` մէկ կողմէն իրենց ցաւոց եւ համբերութեան զՅովբ կ՚ընծայէ, միւս կողմէն զիրենք մեղադրողներն ալ կը նմանեցընէ զնա մեղադրող անխոհեմ բարեկամներուն, փոխանակ որ պարտք էր եւ «ամենայն մարդոյ որ առողջ են մարմնով՝ ձեւռընտու լինել տկարացն, եւ ոչ հակառակ նոցին». այլ այն տգիտաց ըրած մեղադրութիւնն եւ պաղութիւնն ոչ այնքան իրենց կը դպչէր՝ որչափ Աստուծոյ օրինաց եւ սիրոյ. որով եւ Աստուած անոնց ըրածին չհաւնելով՝ կը պաշտպանէ իրեն հիւանդ եւ տկար արարածները. ինչպէս որ ասոնց օգնողներուն եւ դարմանողաց ալ վարձք եւ թողութիւն մեղաց կը շնորհէ։ Դուք ալ, կ՚ըսէ, եթէ սիրով համբերէք ձեր ցաւոց՝ մարտիրոսաց պէս վարձք կ՚առնուք. միայն հաւատք ունեցէք յԱստուած, եւ մի՛ շփոթիք ձեր հիւանդութեան վրայ. Պօղոս առաքեալ իր քրտան թաշկինակը ղրկելով՝ հիւանդները կը բժշկէր, սակայն ինքն իր տկարութիւնը չէր կրնար փարատել։ Իսկ եթէ ըսեն, թե ինչո՞ւ Աստուած այսպիսի ցավեր կու տայ մարդկան. յիշեն մեր նախահայրն, որ հեշտութեան ցանկալով՝ ցաւոց եւ մահուան հասաւ, իսկ նոյն Ադամ՝ Քրիստոս՝ նեղութիւն եւ վիշտ փնտըռելով՝ երկնից երջանկութեան ճամբան բացաւ  եւ ընթացողացն զհետ Քրիստոսի այսպիսի ճանապարհաւ, ուր լինին օթեւանք ՚ի յերեկոյանալ կենցաղոյս. - ոչ ՚ի յարկս համապատիւ ծառայից. այլ ուր Տէրն է ամենեցուն». եւ այլն։ Ամեն քրիստոնէի ալ հարկ է որ «անձուկ ճանապարհաւն եւ նեղ դրամբն մտանեն յերկինս». այս ճամբան եւ դուռն են՝ կամ մաքուր կուսութիւն, կամ ճգնութիւնք. եւ որովհետեւ մարդիկ չեն ընտրեր այս բաներս, Աստուած իր կողմանէ կը խաւրէ անոնց աղքատութիւն կամ հիւանդութիւն. որպէս զի մարմնով նեղուելով՝ հոգին զօրանայ եւ ապրի. վասն զի շատ հեղ առողջութիւնն եւ յաջողութիւնն են պատճառք մեղաց եւ կորըստեան։ Ուրեմն ով որ յօժարութեամբ եւ համբերութեամբ ընդունի իր տառապանքը՝ Աստուած վարձու արժանի կ՚ընէ զնա. իսկ ով որ տրտնջայ՝ թէ՛ մարմնոյ նեղութիւն կը կրէ, թէ՛ հոգւոյն վարձքը կորուսանէ։ Ընդ հակառակն մարմնով յաջողածք՝ շատ հեղ միայն ներկայ կեանքը կը յիշեն, Աստուած ալ զանոնք կը թողու իրենց ուզածին, որ եթէ անդին անվարձք պիտի մնան, այս աշխարհիս մէջ բան մը վայելեն։ Աստուծոյ մէկ կամքն ալ այս է, որ առողջք կարենան օգնել հիւանդաց. անով իրենք ալ կարեկից սիրտ կ՚ունենան, զգաստութեամբ կը վարուին, եւ ողորմածաց երանութեան եւ վարձուց արժանի կ՚ըլլան, որուն արժանի ըլլալ մաղթէ Շնորհալին. «ամենեցուն որք ողորմելի ունին զկենցաղական զայս կեանս, եւ որք ողորմութեամբն որ առ նոսա՝ գնեն զարքայութիւնն երկնից». եւ այսպէս կնքէ զթուղթը:

Երկրորդ առիթն էր մարդկային վիճակի վերջին, դէպք կամ հարկ մահուան, որոյ վրայ աւելորդ է մեզ հօս խորհրդածելն. այլ որքան դըժար է կանոնաւորել եւ հանդարտեցնել ծնողի  մը միտք եւ սիրտ՝ «Վասն որդւոյ իւրոյ տարաժամ մեռելոյ»: Ծնողք մը, իշխանազուն մը «արեւելեան», որ է ըսել ՚ի Մեծ Հայոց, իր նորահաս խարտեաշ պատանին կորուսեր էր, եւ ոչ կամէր կամ ոչ կարէր մխիթարել. թուի թէ ինքնին գրեց առ մեծագութ հայրապետն մեր, կամ ՚ի ձեռն ծանօթից իմացուց՝ իր երկրաւոր անդարման կորուստը։ Շնորհալին ՚ի հարկէ մխիթարական բան մը պիտի գրէր, (եւ ո՞ գիտէ որքաններ գրած է) եւ գրեց 16 տող այբուբենիւ սկզբնաւորեալ ութոտեան գեղեցիկ չափաբան թուղթ մը, որուն շէնքն եւ յանգաց փոփոխութիւնն ալ կ՚աւելցընէ իմաստից ազնուութիւնը. որք սովորական ըսուած եւ լսուածներ բաներն ալ անսովոր զօրութեամբ եւ հաստատութեամբ կ՚ազդեն սրտի, եւ մէկէն կը վերացընեն միտքը վսեմ եւ քաղցր սկըզբնաւորութեամբ բանին

«Ատես է յոյսն աստուածային  

Բայց որք բանան զաչըս սըրտին՝

Այնք հաւատով ՚ի նա հային.

Գանձեն զաննիւթ գանձն ՚ի հոգին 

Եւ ոչ ցանկան նիւթականին.

Դիտեն զաշխարհըն զայն վերին

Ուր ոչ է սուգ ւոչ տրտմութիւն։

Եւ դու թէ զմէգ մեղաց մըթին՝

Մաքրես յոգւոյդ աչաց բըբին,

Զմանուկ տըղայք քո զբաղձալին`

Այլ ոչ ողբաս կսկըծագին»

վասն զի պիտի տեսնես որ երանելեաց մէջ՝ ընդ հրեշտակաց եւ ընդ սրբոց «Ի գիրկըս Հօրն է գըգուելին». ապա իրաւամբք կ՚աւելցընէ 

 

«Խըհդա մեծաւ այսու յուսով,

Սթափեա ՚ի սգոյդ ըսփոփելով։ 

Ծանիր զբնութիւնըս մեր մարմնով 

Մահկանացու՝ անդարձ վըճռով».

եւ այս ցաւագին վճռոյն ցաւագին հարուածներն օրինակ կը բերէ, սկսեալ յԱբելէ եւ յԻսահակայ, եւ եօթն զաւակէ չարաչար տանջանքով աչքին առջեւ զրկուած մայրն Շամունէ, ապա յիշէ եւ զՔրիստոս 

«Զկեանքըն տապանով

Ըզմարդկան մահ՝ մեռանելով»

որով եւ հասարակաց յոյս տուաւ անմահական կենաց, որով պետք է խնդան արդարք, մեղաւորք եւ անյոյսք միայն լան. իսկ քո

«Սուրբ տըղային՝ ոչ լալոյ ձայն՝ 

Այլ երգ խընդման վայելչական։

Վասն որոյ զգոյն ըզտխրական

Սեաւ ըզգեստիդ՝ եւ յանձնէդ հան.

Տրտմական կիրքն առցեն վախճան,

Դառն արտասուք ձեր եւ կական։

Ցոյց զակամայդ՝ կամայական,

Տալ ստեղծողին յօժարական։

Իիւծեալ մարմնոյն որ ի տապան՝

Ծանիր զհոգին երկնից խորան։

Եթէ յայս յոյս՝ ունիս հանճար՝

Լինիս հոգւով դու անմոլար.

Սըրտիդ կըրակն որ կա վառ`

Փոխի ՚ի ցօղ զըւարթարար։

Կենդանին եւ կենարար՝

Այն որ ձայնիւ կոչեաց զՂազոր

Առ քեզ գոչէ աստուածաբար,

Լուծցէ զսուգ քո եւ զաշխար։

Թագաւորըն կամարար,

Որ զՄարեմանսն ուրախ արար,

Ուրախութիւն քեզ անվըճար

Պարգեւեսցէ աստուածաբար։

Կտաւոց մահուն մարմնապատար

Վարշամակին այն մահարար՝

Որ քո յուսոյն անյուսարար

Եւ հաւատոյդ ծածկոյթ արար,

Սաստեա նոցին եւ գանիւ հար,

Զի փախիցեն ծառայաբար»

Այս վերջին պարբերութեան մէջ յիշեալ կտաւն մարմնապատ, վարշամակն մակարար, որք երկրաւոր յուսոյ են անյուսարար, այլ հաւատոյ ծածկոյթ կամ քօղ մը, թէ՛ բանաստեղծութեան, թէ՛ սրտառուչ փափկութեան եւ թէ՛ քրիստոնէական քաջութեան միացեալ յաղթադրօշ մ՚են, զոր կանգնէ Շնորհալին մանկակուլ գերեզմանին վրա, եւ քիչ մ՚ալ քաջալեր տալով՝ լռէ. թէ եւ անշուշտ ինքն ալ քանի մ՚արտասուաց կաթլով կնքելով թուղթը. եւ ոչ անպատճառ յիշէ զօրինակ մեր եւ զԱստուածամարդն Քրիստոս՝ յոյս, որ 

«Արտասուելովըն մարդկաբար

ըզՄարեմանսն ուրախ արար»։ 

Ամեն ծաղիկ թերեւս հաւասար ծաղկի, այլ ոչ ամենքն ալ հաւասարապէս կը խամրին. ոմանք ինչուան յաշուն եւ ՚ի ձմեռն դիմանան, ոմանք ՚ի նոյն ՚ի գարնան ծնանին եւ մեռանին, կամ ՚ի բնէ դիւրաթառամ եւ շուտաթափ ըլլալով, կամ բըռնութեամբ մը մահանալով. եւ մեծ մաս մ՚ալ այն  վառվռուն վարդերէն եւ վայրի շուշաններէն՝ որովք սիրելեաց եւ սրբոց սենեակք զարդարին, մինչ հաւասարապէս կանգնին եւ փայլփայլին «այսօր, վաղիւն ՚ի հնոց արկանին», անպիտան խոտոց պէս, ըստ աստուածային խորհրդածութեան  Քրիստոսի. եւ մարդ աւելի ասոնց վրայ կը ցաւի, քան անոնց՝ որք կամ երկար ատեն իրենց բնույն եւ տընկլին վրայ կենալով, կամ զարդարանաց պաշտօնը կատարելով՝ վերջապէս իբրեւ ծերացեալ եւ չորացեալ ՚ի բաց ձգուին։ Այսպէս է եւ դեռաբողբոջ ոսկեծաղիկ պատանեաց մահն՝ մեր առջեւ. այսպէս էր Արեւելեան իշխանին ողբացեալն եւ Շնորհալւոյ մխիթարեալն։ Այլ ո՞րքան աւելի կսկըծալի է վիճակ կրողին, եւ դժուարին՝ պաշտօն մխիթարողին, եթէ այսպիսի մահու որսն կամ զոհելին, պատանի մը երիտասարդ մը, իր կարճ հորիզոնին վրայ այն ինչ բարձրացեալ արեւը՝ ինքնին նշմարէ շուտ շուտ ցածնալ, քիչ ատենէ տխրորակ կարմրութեամբ մը մտնելու եւ այլ չելնելու համար։ Ո՞րքան կարեւոր է ՚ի մանկութենէ անմահութեան իմաստով սնանիլ, եւ աշխարհիս կերպարանաց վրայ աչքը նոր բանալու եւ բերելու ատեն՝ դարձընել ստէպ եւ յԱնտես յոյսն այն աստուածային, որ պէտք է ըլլայ ամենայն հաւատացելոյ աստղ ուղեցոյց յանստոյգ եւ անշաւիղ ծովու աշխարհիս։ Իսկ ի՞նչ ըսենք այն նորախայծ երիտասարդին՝ որ ոչ առողջութեան պակսութիւն ունի եւ ոչ մարմնաւոր ընչից կարօտութիւն. սիրտն արթուն եւ եռանդուն, սիրելիք՝ եւ ստոյգ սիրելիք ոչ սակաւ. եւ թէ ուզէ՝ յուսալի է մարդկօրէն կենաց զբօսանք եւ օրինաոր հանգիստ մ՚ալ վայելել. եւ սակայն ինքն ալ իրեն ամենէն մեծ, ամեննէն մօտ, ամենէն բուռն առարկայն կը տեսնէ ըզմահ. եւ մահ՝ ոչ դիպուածական կամ յանկարծ, ոչ ՚ի կակուղ անկողնի եւ ՚ի կակղագոյն բարձս եւ  բազուկս ծնօղաց եւ հարազատաց. եւ ոչ իսկ ՚ի դաշտ զինուց եւ փառաց. այլ մահ ոխերիմ, մահ ատելութեան, մահ տանջանաց՝ որք թերեւս յերկար եւ դժնդակ ալ պիտի ըլլան։ Զայսպիսի նուիրական երեխայրի մարդկութեան՝ ո՞վ մխիթարէ եւ ի՞նչպէս։ Ասանկ անակնկալ դիպուած ալ պատահեցաւ Շնորհալւոյ՝ իր կենաց վերջի տարիներուն։

Մեծ Հայոց վերջին մայրաքաղաքին՝ Դունայ քով Նորշէն գեղին մէջ խառն բնակէին Հայք եւ Պարսիկք, երբեմն տիրողք կողմանցս, որ այս ատեններս ալ մէկ մը Վրաց ձեռքը կ՚անցնէր, մէկ մ՚այլ այլազգեաց, ինչպէս եւ հիմայ։ Էպու Պէքր անուամբ պարսիկ տղայ մ՚ալ իր հասակակից Հայոց հետ պզտիկուց խաղով եւ ընկերութեամբ վարժելով՝ անոնց զգուշաւոր բարքը եւ կրօնքն ալ սիրէր. մանավանդ երբ ծնողքն զենքն իրեն կրօնակցաց դպրոցը խաւրելով՝ տեսաւ հօն ապականիչ բարուց գործեր, բոլորովին զզուելով՝ կը փախչէր, ժամանակը քրիստոնէից հետ կ՚անցընէր, անոնց եկեղեցիները կ՚երթար, կը տեսնէր հանդէսները, կը լսէր աղօթքնին եւ երգերնին։ Վերջապէս մկրտուեցաւ ալ, եւ քիչ քիչ սկսաւ համարձակիլ ծնողացն ալ իմացընել, որոնք որչափ ալ ծնողական գծով բոլորովին չընդդիմացան ալ, հայրն ստէպ կը նեղէր զորդին, շատ հեղ ալ կը ծեծէր, եւ օր մը յայտնապէս տեսնելով զնա որ եկեղեցւոյ մը դիմաց խաչի երկրպագութիւն կ՚ընէր, դանակը քաշեց, եւ պիտի սպաննէր զորդին եթէ մայրն լեղապատառ վրա չհասնէր. միայն չարաչար ծեծով մը ազատեցաւ այս անգամ ալ պատանին, որ մկրտութեամբ անունը փոխեր եւ Յովսէփ կոչուեր էր, այլազգիք ալ Եուսուֆ կ՚անուանէին։ Մէկ երկու այնպիսի ծեծ ալ՝ առանց սըրոյ՝ կըրնային զինքը մեռցընել։ Անճըրկած մայրն՝ որչափ ալ չէր հաւաներ որդւոյն ըրածին՝ էրկանը պէս անգութ չէր ծածուկ աղաչեց եկեղեցւոյ երիցուն որ ճար մը գտնէ զաւակն ապրեցընելու, ուրիշներն ալ խրատ կու տային Յովսեփայ՝ որ գոնէ հօրն առջեւ ծածկէ իր լուսաւոր կրօնքը եւ յայտնապէս չդաւանի քրիստոնէութիւնը։ Առ ժամ մը այսպէս ըրաւ պատանին, այլ խղճէ տանջուելով՝ աւելի քրիստոսասիրաց խրատու լսեց, եւ թողլով ծնողաց տունը՝ նոր Վահանայ Գողթնացոյ մը նման՝ գնաց ուխտաւորի պէս այն ատենուան Հայոց ամեն երեւելի վանքերը պտըտեցաւ, սկսեալ ՚ի Թեղենեաց Սիւնեաց երկրին. անկից անցաւ այն դարուն հռչակաւոր զուգակ մենաստանաց, Հաղբատ եւ Սանահին. ասոնց մօտ է Մակարայ Վանք մ՚ալ, ուր՝ տեղւոյն բնութեանն յարմար՝ աւելի անզբաղ եւ ներանձնացեալ կեանք սիրողք կ՚ապսոանէին. հoս դադարեցաւ Յովսէփ ժամանակ մը, ճգնաւորական խարազնազգեստութեամբ եւ վարքով, սովրեցաւ հոգեւոր գրքեր եւ աղօթքներ հայկական լեզուաւ: Յետոյ միտքը դնելով որ իր երկրին մէջ գուցէ գայթակղութիւն տուած ըլլայ՝ ատեն մը իր հաւատքը ծածկելովը, կ՚ուզէր այս խիղճը սրբել. այլ անըստոյգ ապագայն ալ մտածելով՝ հարկաւոր սեպեց նախ հոգին աւելի զօրացընել՝ արժանաւորաց աղօթիւք եւ խրատուք, սրբոց բարեխօսութեամբ եւ Քրիստոսի անօրէնութեանց եւ չարչարանաց յիշատակօք։ Ելաւ նորէն պանդըխտաբար պտըտեցաւ անուանի ուխտատեղիներ, ամենէն անուանի տեղը՝ Երուսաղէմ ուղղեց ճամբան։ Բայց այս ճամբուն վրայ եւ այն առաջին եւ վերջի ուխտատեղեաց միջոց՝ ժամանակին եւ մեր ազգին անմոռանալի ուխտատեղի մ՚ալ կար, ուր իբր կղզիապատ քարանձաւի մը ծայր մեր արծաթապատ աղաւնին իր բոյնը դրած էր, ընդ մէջ երկնից եւ երկրի. անկարելի էր զանց ընել. դիմեց Յովսէփ ՚ի մեծաթեւ գիրկս Շնորհալւոյն, յապաստանարանն հասարակաց, ուր նոր պրծուցեր հասուցեր էին եւ մեր քաջարծուի Թորոսի ձագուկ Ռուբէնը (328)։

Կըրնայ գուշակուիլ թէ ի՛նչ տաքութեամբ եւ պնդութեամբ փարեցաւ Ներսէս զՅովսեփաւ. ի՞նչպէս քաջալերեց, մխիթարեց զօրացուց եւ զուարթացուց այն եռանդուն եւ տագնապեալ հոգին, եւ վերջապէս կնիք իր խօսից զայս դրաւ, որ եթԷ իբրեւ յետին փորձ իր հաւատոց հաստատութեան՝ վկայական մահու ասպարէզ մ՚ալ բացուի իրեն, Աստուած յերկնից իրեն զօրացուցիչ եւ ընդունող է, եւ ես ալ յերկրի ըսաւ «Կարգեցից զյիշատակս քո ընդ առաջին մարտիրոսացն»: Այսպիսի աւետեօք եւ առհաւատչեայ անմահութեամբ՝ թռաւ գնաց Յովսէփ, աւելի տոգորուելու Անմահին մահուան թատերաց մէջ. երկու տարւոյ չափ շրջեցաւ կեցաւ յԵրուսաղէմ եւ անոր ուխտատեղիքը, ապա կատարեալ զօրութեամբ հոգւոյ դարձաւ ՚ի Հայս, եւ ճամբուն վրայ հանդիպած ուխտերն ալ անայցելու չթողլով՝ հասաւ իր Հայրենիքը, ՚ի Դուին, որ այլազգեաց իշխանութեան տակ էր, ինչպես յիշեցինք։ Իր անգութ հայրն մեռեր էր, մայրն եւ եբարքը գտաւ, իմացուց իրենց՝ որ այնուհետեւ միտքը դրած է հօն համարձակ պաշտել զքրիստոնէութիւնը, ինչ ալ որ ըլլայ, եւ զիրենք ալ ՚ի նոյն յորդորեց։ Անոնք չհաւանեցան, բայց իրենց արիւնը ապրեցընելու համար՝ նորէն խրատ տուին որ հեռանայ. մեծ էր մօրը տագնապն, բայց դարձեալ մխիթարութիւն մ՚էր հեռաւոր զաւակ մ՚ալ ունենալը։ Սակայն Յովսեփայ առաջադրութիւնն անփոփոխելի էր. կենսասէր ազգականքն վախնալով որ քրիստոնէի մը իրենց մէջ բնակիչն իրենց ալ վնաս եւ մահուան պատճառ չըլլայ կերպով մը իմացուցին Դունայ ամիրային, որ անուամբ կոչուէր Սատրի-Ճիհան, Աշխարհի տէր, այլ իրօք կորուսիչ կենաց եղաւ մեր երիտասարդին։ Կանչեց զնա բնակարանը՝ որ հարուստ Հայու մը տուն էր։ Յովսէփայ սուր աչքն տեսան հօն քրիստոնէութեան գերագոյն զարդը, խաչի մը նշան. մէկէն խոնարհեցաւ երկրպագութեամբ, եւ ապա բարեւ տուաւ ամիրային. որ բարկանալով այսպիսի յետակարգութեան՝ սկսաւ հայհոյել մեր սուրբ նշանը. իսկ վկայն հեզութեամբ կ՚ըսէր. «Մի՛ զայդոսիկ բանս, ով իշխան, խօսիցիս ՚ի վնաս՝ անձին քում, քանզի ծագելոց է նա յաւուրն կատարածի՝ առ ՚ի ցնծութիւն լուսաւորելոցս հաւատովքն Յիսուսի եւ ՚ի խաւար դատապարտութեան՝ որոց ամօթ համարին զմեծ սիրոյն Աստուծոյ նշանակ »: Այս խօսքիս փոխարէն եղաւ ծեծ եւ բանտ, ուսկից ծանուցելով եւ երկրորդ անգամ փորձուելով՝ խոստմամբք եւ սպառնալեօք, եւ նոյնպէս անվախ գտուելով՝ ալ աւելի ծեծուեցաւ ծառի մը կապուելով։ Իսկ երրորդ անգամուն այնքան զայրացաւ Սատրիճիհանն՝ մինչեւ սուրը քաշելով կ՚ուզէր ինքնին սպաննել զնա. բայց ծանօթք վկային կաշառքով բռնեցին ձեռքը. եւ շատ աղաչեցին Յովսեփայ՝ որ իբրեւ յարմար առթիւ հեռանայ այն տեղէն։ Հեռացաւ նա քիչ մ՚ատեն. բայց ամսէ մը յետ դարձաւ, ու որպէս «ծարավ եղջերու, կ՚ըսէ ներբողիչն, ՚ի կենդանի փութալով աղբիւր՝ յորմէ միանգամ եւ երկիցս լցեալ իցէ զպասքումն ծարաւոյ». եւ նորէն Դունայ մզկիթին քովէն անցնելու ատեն՝ դէպ յարեւելք աղօթեց համարձակ, եւ գնաց ամիրային ապարանից դրան քով կանգնեցաւ։ 

Հարցուց ամիրայն թէ ինչո՞ւ եկեր էր, ի՞նչ կ՚ուզէ։ Եկեր եմ խնդրելու, պատասխանեց, որ իմ «ազատութեանս համար գեղացւոց վրայ ձգած  տուրքը վերցընես, եւ զիս խղճէս ազատես, որ համարձակ կարենամ կրօնքս դաւանիլ։ Առջենէն աւելի սաստիկ զայրացած ամիրայն՝ դուրս ելաւ եւ աւելի չարաչար ծեծել տուաւ, մինչեւ կիսամահ, մարած մնաց վկայն. զոր վերցընել, բանտել եւ շղթայել տուաւ, ապա շատ օրեր, եւ շատ եւ պժգալի տանջանօք տանջել. երբեմն իր խարազն զգեստը վիզն անցընելով՝ ոլորել եւ քաշկըռտել, երբեմն քիթը ծակելով եւ ուղտու բերանկապ անցընելով՝ քաշ բերել քաղաքին մէջ. երբեմն կսկծացուցիչ նիւթեր՝ աղ եւ բորակ եւ մանանեխ՝ ականջէն թափելով։ Իրեք ամիս այսպէս տանջելէն ետեւ՝ Թուրքաց մեծ կողմնակալ իշխանն եկաւ Դուին, եւ լսելով եղածը՝ ուզեց անձամբ տեսնել եւ դատել։ Գրաստի մը վրայ բեռցընելով բերին կոշկոճեալ վկայն. որ մարմնով կիսամեռ՝ հոգով իբրեւ անմահ՝ տուաւ պատասխան դատողին ամեն բանից եւ ջանից. թէ եւ սա հեզութեամբ կ՚ուզէր որսալ զվըկայն, խոստանալով եւ՛ իշխանութիւն, եւ՛ կալուած գեղերու։ Եւ երբ զամենն ալ արհամարհեց վկայն, ամիրապետն կամ սուլտանն նեղանալով ըսաւ. Այսչափ մարդիկ, զօրք եւ իշխանք եւ ազգք ինծի կը հնազանդին, միայն զքե՞զ պիտի չկարենամ հնազանդեցընել։ Յովսէփ ալ պատասխանեց. Հապա ես որ այնչափ հաւաստիք ունիմ քրիստոնէութեան ստուգութեան, եւ աչօքս տեսայ յԵրուսաղէմ Քրիստոսի տնօրէնութեանց տեղիքը, եւ անկէ առաջ եւ ետեւ անոր վկայող մարգարէից եւ նահատակաց գերեզմանները, զայս ամեն թողլով՝ քեզի՞ եւ կրօնի՞ցդ հաւանիմ։ Իմացաւ իշխանն որ անյաղթելի էր դիմացը ելած նահատակն. մահուան վճիռ տուաւ հեռացաւ։ Տանելու ատեն դահիճքն վերջին հարուածը չտուած՝ շատ հարուածներ ալ կու տային, իսկ իր եղբայրն վերջին փորձով եւ սիրով Յովսեփայ ոտքը պըլլըւելով կ՚աղաչէր որ ապրեցընէ զինքը. յայտ է թէ վատ խօսքով մը. այլ արիասիրտ նահատակն՝ մերժեց, եւ հեռացիր ինձմէ, կ՚ըսէր, «եւ մի՛ խոչ ընդ ոտն ելանիցես բարւոյ առաջարկութեանս»։ Այն միջոցին դահճաց մէկն՝ կուշտէն զարնելով ինչուան փորը հասուց սուրը. մինչդեռ ուրիշներն ալ ուրիշ կերպով կը զարնէին. եւ յետին անգթութեամբ ոչ միայն գլուխն ալ բաժնեցին մարմնէն, այլ եւ զմորթն ՚ի մարմնոյն։ Անքրիստոսասէր բայց եղբայրասէր հարազատն նորէն վրայ հասնելով, հաւատացելոյն մարմինը թաղեց անհաւատօրէն աւազախառն հողոյն տակ, հօն ուր որ նահատակուեր էր, քաղքէն քիչ մը դուրս. եւ թողուց հեռացաւ: Նոյն գիշեր սաստիկ որոտմունք եղան ամպոց, եւ լուսոյ փայլակք այն կողմերը. յորմէ շփոթած այս ազգիք՝ գացին իրենց մեծ կարդացողին հարցընելու, նա ալ երկդիմի պատասխան մը տուաւ, թէ այն վկային համար է. զոր ոմանք ՚ի պատիւ՝ ոմանք ՚ի պատիժ մեկնեցին։ Թերեւս յետ Ս. Դաւթի Դունեցոյ՝ որ սոյնպէս օտար կրօնից զՔրիստոնէութիւն ընդունել էր, Դուին այսպէս նահատակութիւն չէր տեսած. անոր համար կ՚ըսէ Պատմիչն. «Ի վաղնջուց երաշտացեալ երկիրն Այրարատոյ՝ ՚ի ցօղոյ նախագունիցն մարտիրոսաց՝ իւրով անագանահոս ցօղաւորեալ արեամբ` զովացուցանէր վերստին, յորմէ եւ ինքն ընձիւղեցաւ ուղէշ պտղաշատ, կարմրագունի նմանեալ խընծորոյ՝ ըստ վկայական արեանն ներկուածոյ. « թէպէտ եւ ՚ի փուշս բուսեալ անտառախիտ ամբարշտացն արմատոց, ոչինչ նուազ գովեստի արժանաւորի քաջաբերութիւն անդաստանին «Այրարատոյ». ուր ասոր նման շատեր ալ յայլակրօնութենէ քրիստոնէացեալ եւ նահատակեալ էն կ՚ըսէ, որպէս թէ փոխուելով «՚ի փշոց խաղող եւ ՚ի տատասկէ թուզ, թէպէտ եւ յանդգնութիւն է ընդդիմաբանել տէրունեանն հրամանի, այլ զի վասն ընդդիմացող կամակորացն զայն հրամայէ՝ անսուտ է վճիռն»։ Սարգիս անուամբ մէկ մը (այսպէս կոչուէր եւ այն ճգնաւոր անձն՝ որ նախ ընդունեցաւ զՅովսէփ ՚ի վանքն Թեղենեաց) վերուց վկային մարմինը, եւ դէպ ՚ի Գեղամայ լեռները հանելով՝ հին Գառնի քաղաքին հիւսիսակողմը եւ Այրի վանից մօտ բարձրադիտակ եւ հին Հայոց-Թառ վանքը տարաւ հանգուց պատուով. ուր իր նահատակութեան պատմութիւնը գաղափարողն՝ կ՚աղաղակէ, գրուածքին եզերքը գծելով. «Ո՜վ սուրբդ Յովսէփ, մեծ մենաստանից «Հայոց Թառոյ՝ յորում նշխարք ոսկերաց քո եդեալ կայ, հաստատութիւն հայցեա ՚ի Քրիստոսէ»։ Իսկ օրինակածն է «Ներբողական գովեստի բան», զոր երանելի երիտասարդին նահատակութենէն քիչ վերջը շարադրած է վայելչապէս Դաւիթ քահանայ մը՝ ՚ի խնդրոյ Մխիթար անուամբ մէկու մը, որ եւ ՚ի վերջ ներբողին սրտառուչ պաղատանօք կը խնդրէ վկայէն. «Ո՜վ ամենապանծալի պարկեշտագեղդ Յովսէփ, մերձ կացեալդ հասարակացն կենագործի Տեառն մերոյ», բարեխօսէ՛ «վասն սրբոյ եկեղեցւոյ զոր սիրեցեր, «եւ յորմէ ծնար զանախտաբարն ծնունդ», որպէս զի նորէն ընդունի իր հովուապետը. վասն աշխարհին՝ որ խաղաղութիւն գտնէ այլասեռից եւ յարկածից բնութեան, եւ իրեն նմանող կրօնաւորաց տայ զօրութիւն «՚ի դիմամարտութիւն չարասիրին». Ապա ձայնակցելով իր բարեխօսին հետ՝ գոչէ առ Քրիստոս. «Գթա ՚ի վերայ հօտի քո՝ մատնելոյ  ՚ի ձեռս ամբարշտաց, եւ դարձո զգերութիւն ազգի մերոյ, որպէս երբեմն զԻսրայէլին։ Բա՛րձ զլուծ ծառայութեան ՚ի պարանոցէ մերմէ՝ ըստ որում արարերն, եւ դու ինքնին թագաւորեա ՚ի վերայ մեր՝ որով իւիք եւ ախորժեսցես։ Դադարեցո զամպրոպն խռովական, եւ ամաչեցո զխռովարարն ՚ի սկզբանէ. ըզչար արբանեակն չարասիրին ընդ կրուկն դարձո, եւ սպառազինեա ամրակուռ զինու զզօրականս քո, վատնել զբանակս նոր Ամաղեկայ եւ Քանանու …։ Վասն զի երկարեաց ողբովք պանդըխտանալս մեր ՚ի վրանս Կեդարու. զոր ոչ ՚ի քէն վարկանիմք, Տէր բարեսէր, այլ զի դառնացուցաք զբարեգործդ։ Ուրախ արա գինւով բանին՝ զոր արբուցեր ՚ի սուրբ խորանէ քումմէ. յորմէ ապաքինեալ ՚ի յոգնակի փորձութեանցըն՝ տօնեսցուք զտօն սիրելեաց քոց վկայիցն երանելեաց: յորոց մի է եւ այսր աւուր կոչնատէրս Յովսէփ»։

Կատարեցաւ նոհատակս ՚ի 16 դեկտ. 1170 տարւոյ («՚ի ՈԺԹ թուին Հայոց, ՚ի մարգաց ԺԳ. »), քիչ տարի վերջ (?) ՚ի Թէոդորոսէ աբեղայէ Սեբաստացւոյ՝ որդւոյ Գոհարինեայ, եւ իբր 15 տարի  ասոր եւ եղբարցը նահատակութենէն ։ Իրմէ առաջ կամ վերջը մօտ ատեններ՝ ՚ի Մեծ Հայս այսպիսի հռչակեալ նահատակութիւն մը չըլլալով՝ Յովսէփ կոչեցաւ Նոր Վկայ ։ Իր ամենէն մեծ երկրաւոր քաջալերիչն եւ յուսադիր՝ հայրապետն Հայոց, անտրակոյս ստուգեց ինչ որ գուշակեր էր, եւ ըստ խոստմանն նշանակեց անոր անունն ալ ՚ի դասս վկայից ծանօթից իր եկեղեցւոյն. եւ թերեւս այս Այրարատեան երաշտացեալ անդաստանի անակնկալ երախայրին՝ տատասկաբեր թուզն, Նոր Վկայն Յովսէփ՝ եղաւ յետինն եւ կնքեց զչարս նահատակաց Քրիստոսի, զոր ճշգհիտ դար մ՚առաջ սկսաւ (1070) մեծ վկայասէրն Գրիգոր, աճեցուց կրսերն՝ Գրիգորիս, եւ աւարտեց դասակարգելով  ՚ի Տօնամակին՝ ՚ի բոլորել դարուն (1170) թոռն եւ հարազատ նոցուն Ներսէս, ոչ միայն վկայասէր, այլ եւ վկայից յորդոր եւ քաջալեր. եւ  թերեւս աւելի քան զեղբայրն՝ վաստակաւոր այս գովելի երկասիրութեան մէջ. որոյ համար վկայէ Լամբրոնացին

« Տօնից սըրբոց՝ որ կատարի` 

Նոր դըրուատէ ներբողանի» [1] ։



[1] Եթէ մեր վկայասէր հայրապետք հին եւ հեռաւոր Ս. Վկայից յիշատակօք մեր Հայոց եկեղեցին կը սիրէին զարդարել, շատ բնական էր որ նոր վկաներն ալ յօժարութեամբ ընդունէին, եւ ինչպէս մօտէն զU. Յովսէփ ընդունեցաւ արթուն եւ սրբասէր հովիւն մեր Ներսէս, հաւանիմ թէ ինքն նախ ընդունեցաւ ՚ի յիշատակս օրըստօրեայ Սրբոց՝ իր հեռաւոր հովուակիցն ալ, որ գրեթէ Յովսեփայ նահատակութեան օրերը (29 դեկտ. 1170) նահատակեցաւ տարօրինակ կերպով մը ՚ի Լոնտոն մայրաքաղաքի Անգղիացւոց, անոնց նախագահ եպիսկոպոսն ըլլալով, Ս. Թոմաս Պէխէդ Կանտորբերացի ։ Այս բանս աւելի հաւանական կ՚երեւի՝ երբ ուզենք անոր հակառակ պատճառ եւ ժամանակ մը գտնել այս զարմանալի Սրբոյն յիշատակին մեր Յայսմաւուրաց մէջ մտնելուն, մանաւանդ երբ նըկատուի՝ որ հին եւ ընտիր Յայսմաւուրաց ոմանց մէջ յուլիսի 8 կամ 9-ին օրը՝ միայն ասոր յիշատակն կայ, եւ ոչ ուրիշ Սրբոյ կամ՝ Վկայի, որ աւելի նշանական բան մ՚է: Յայտնի ալ է որ Թոմասու հայրն Ժիլպէր Նորմանդացին՝ երիտասարդութեան ատեն յարեւելս եկեր էր իբրեւ Խաչակիր, եւ գուցէ Անտիոքայ քով. մօտ ՚ի սահմանս հայրապեւոաց մերոց կռուելու ատենն էր որ գերի ընկաւ Հալպայ եւ Դամասկոսի սուլտանոց բանակին, եւ անոնց մէկ ամիրային. որոյ ձեռքէն փախչելու հնարք գտաւ, հետը կամ իր ետեւէն ձգելով սիրո գերի` նոյն ամիրային դուստրը, որ անվախ գնաց ՚ի Լոնտոն, մկրտուեցաւ, պսակուեցաւ ընդ Ժիլպերայ, եւ ընծայեց այսպիսի արեւելախառն պատուաստէ օրհնեալ պտուղ մը, յիշեալ Ս. Թովմասը։ Ժիլպէրի փախստեան եւ ազատութեան ատեն՝ նորէն Անտիոքայ սահմաններն անցնիլն եւ դիպուածն, մեր պատանի Շնորհալւոյն ալ ծանօթ ըլլալ՝ շատ օտար բան չէ. եւ կըրնամք անտարակոյս համարիլ որ լսեր եւ գիտէր Շնորհալի՝ Թոմասու արքունի քարտուղար եւ յետոյ (62) արքեպիսկոպոս ըլլալը, եւ հաւանիլ՝ որ լսելով իր ետքի օրերը (1173) թէ Աղեքսանդր Գ Պապն դասեց զԹովմաս ՚ի թիւս Սրբոց Արեւմուտս, ինքն ալ զնոյն աւանդեց իր Արեւելեան եկեղեցւոյն, որոյ եւ մայրենի խնամի ալ էր այս անգղիական Դունայ նոր Վկայն։