Շնորհալի եւ պարագայ իւր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ե.
Գրիգորիս կաթողիկոս. Աղթամարայ աթոռոյն ապստամբութիւնն. Ժողով Սեաւ լերին. Երկրաշարժ. Քահանայութիւն Շնորհալւոյ եւ. ճգնութիւնը. Ուսմունք եւ գիտութիւնք Ներսիսի. Շնորհքն կամ օծումն. Շարժագրութիւն. Զարմանալի կերպ շարադրութեան. Հստակաբանութիւն

 

Շնորհալին 1 տարուան էր երբ եղբայրն Հայոց եկեղեցւոյն գլուխ բազմեցաւ։ Մինչ ամեն կողմ ՚ի Հայս նորընծայ կաթողիկոսին կոնդակներն կ՚երթային եւ հպարակութեան թուղթեր կու գային, եւ դեռահասակ քահանայապետն հայրենական եւ հոգեւորական ազնուականութեամբ կը պատկառեցընէր զտեսողս, - վասն զի եւ բնական վսեմ ձիրք եւ տեսիլք մ՚ունէր, լսուեցաւ Աղթամարայ աթոռոյն ապստամբութիւնն։ Սովորաբար կարծուի թէ այս ատենէն սկսած է այս տեղւոյս առանձին կաթողիկոսութիւնն, որ շարունակելով հասաւ մինչեւ մեր օրերը. սակայն այն աթոռոյն հին դիւանքն կը ցուցընեն (եթէ անստուգութեամբ հնարուած չըսուին), որ Ժ դարու սկըզբէն սկսած է Աղթամարայ՝ թէ ոչ ինքնագլխութիւն գոնէ առանձնաշնորհութիւնն։ Երբ Արծրունեաց եւ Վասպուրականի նախարարն խորագէտն եւ փառասէր Գագիկ՝ թագաոր եղաւ երկրին, ուզեց որ ինչպէս ինքնագլուխ քաղաքական տէր, այսպէս ալ եկեղեցական գլուխ մ՚ունենայ իր երկիրն. եւ հաւանութեամբ Բագրատունի թագաւորին Հայոց՝ Գէորգ կաթողիկոս զեղբօրորդին Գագկայ Եղիսէ՝ ձեռնադրեց (յամի  921) եպիսկոպոսապետ բոլոր Վանայ ծովուն չորս բոլոր սահմանաց, հարաւային կողմէն ալ ինչուան ՚ի Ճուլամերկ եւ ՚ի Մուսուլ ընդարձակելով անոր թեմերը։ Եղիսէէ ինչուան ՚ի Դաւիթ՝ որ մեր Գրիգորիսէն ապստամբեցաւ՝ երկու դարու միջոց 20 եպիսկոպոսապետք կը համրուին յանուանէ։ Շատ հաւանական է Գագկայ ուզածն. այլ եղածն՝ թուի թէ ոչ բոլորովին ինք նագլուխ եւ ազատ կաթողիկոս էր. վասն զի անկարելի է որ Հայք եւ իրենց բնիկ կաթողիկոսն հաւանէին այս բանիս. այլ այնպիսի մեծ պատուով եւ ընդարձակ թեմով եպիսկոպոս մը դըրուեցաւ Գագկայ թագաւորութեան մէջ՝ յԱղթամար, ինչպէս երբեմն էր Սիւնեաց եպիսկոպոսն կամ Մարդպետականն։ Հարկաւ այնպիսի ընդարձակ երկիր քանի մ՚եպիսկոպոս ալ ունէր, որոց գլուխն էր Աղթամարայն՝ իբրեւ արքեպիսկոպոս կամ մետրապօլիտ. այլ թէ ինքնին եպիսկոպոս ձեռնադրելու իշխանութիւն ունէր՝ տարակուսելի է, մանաւանդ թէ չէ ընդունելի։ Արծրունեաց թագաւորութիւնն դար մը քշեց. երբ վերջին թագաւորն Սենեքերիմ՝ ընտանեօք եւ ձիաւորօք փոխադրեցաւ ՚ի Սեբաստիա, հարկաւ նըւազեցաւ իր թողած երկրին եկեղեցական աթոռն ալ, թէ եւ դեռ երբեմն իր արքունի ցեղէն եպիսկոպոսք ալ նստան Աղթամարայ աթոռը, որ ջանաց միշտ իր մեծապատուութիւնը պահել. եւ անշուշտ ասոր համար էր որ Փիլարետ բռնաւորն այս կողմէս կաթողիկոս հրաւիրեց՝ փոխանակ Վկայասիրին, եւ գոնէ քիչ ժամանակ մը բերաւ ու նստուց իր սահմանները։ Յայտնապէս այս մեծ հայրապետին (Վկայաuիրի) ատեն կերեւի Աղթամարայ կամ՝ Վարագայ եպիսկոպոսին գլուխ շարժելն, որ առանց նախընթաց պատճառի կամ համարեալ իրաւանց՝ չէր կրնար ըլլալ։ Այսպիսի իրաւանց մէկն ալ կը սեպէին՝ Վահան կաթողիկոսի Անիէն փախչելով գալ եւ նստիլը այս կողմերս, եւ հօն մնացած ըլլալն շատ մը թանկ նըշխարաց Ս. Լուսաւորչի, եւ այնպիսի բաներ, (ինչպէս քօղ, գաւազան, եւ այլն) եւ Հռիփսիմեայ նըշխարք, որ միշտ կաթողիկոսի քով կը պահուէին։ Արդ այսպիսի նախընթաց պատճառաց վրայ աւելցընելով հիմկու Ս. Խաչի եպիսկոպոսն Դաւիթ, նորընծայ կաթողիկոսին անկատար հասակը, յայտնապէս գլուխ քաշեց, եւ քանի մ՚ուրիշ Եպիսկոպոս ալ հաւանեցընելով՝ զինքն օծել տուաւ կաթողիկոս, ոչ թէ միայն իր տեղական աթոռոյն, այլ գուցէ եւ բոլոր Հայոց. թէպէտեւ Գագկայ ինշխանութեան սահմաններէն անդին չանցաւ իր բռնաբարեալ իրաւունքն, մանաւանդ աւելի ամփոփ էր, եւ եւս աւելի ամփոփեցաւ յետոյ։ Սակայն պատճառած շփոթութիւնն հարկադրեց՝ որ մեր Պահլաւունի կաթողիկոսին քով ազգային եկեղեցական ժողով մ՚ըլլայ , եւ եղաւ յաջորդ տարին, 1114։

Շատ փափագելի էր այս ժողովոյս դէպքն եւ կանոնները գիտնալ, վասն զի շատ կարեւոր բաներ սահմանուած կարծուին հօն, այլ ժամանակակից պատմիչ կամ պատմութիւն մը չէ հասած մեր ձեռքը. այսչափ միայն կ՚աւանդեն, եւ նոյն ինքն Շնորհալին մեր, որ այն ատեն տղայ դիտող մ՚էր, եւ յետ 50 տարւոյ իր մէկ գրուածին մէջ կը յիշեցընէ, որ 2500 անձէ աւելի էին ժողովականք (հաւանօրէն ՚ի սահմանս Կարմիր վանաց), եպիսկոպոսունք, իշխանք, վարդապետք, վանահարք եւ արժանաւոր վանականք Ս. Լերինն. որք  միաբան հաւանութեամբ՝ ապստամբ եւ անկանոն համարեցան զԴաւիթ եւ իր հետեւողքը։ Եւ օրինաւոր կաթողիկոսի հաստատութեան համար՝ ըստ ոմանց այս ժողովքիս մէջ սահմանեցաւ, որ հարկաւորապէս ընտրութեանը ներկայ գտուին կամ գրով հաւանութիւն տան ուրիշներէ զատ՝ այս չորս մեծաթոռ եպիսկոպոսունք. ա) Բջնոյ, անշուշտ մեր Պահլաւունեաց հայրենի աթոռն ըլլալուն համար, ուր փոխադրած պէտք Է սեպել Այրարատայ եպիսկոպոսի աթոռն. բ) Հաղբատայ, զոր դեռ քիչ տարի առաջ Բարսեղ կաթողիկոս հաստատեր էր բարձր պատուով, ՚ի շնորհս Հայ–Աղուան թագաւորաց տեղւոյն. գ) Արտազու կամ Թադէի վանքի եպիսկոպոսն, որ հին Մարդպետականի յաջորդն կըրնայ կարծուիլ, եւ սա էր երբեմն նախագահ եւյիսկոպոսաց Հայոց. դ) Սիւնեացն, որուն անցեր էր նախագահութիւնն` վերցուելով ՚ի Մարդպետականէն: Ոմանք ասոնց մէկուն տեղ՝ Ռշտունեաց եպիսկոպոսը կը մըտցունեն, որ ըսել կ՚ըլլայ նոյն իսկ Աղթամարայ աթոռակալն։ Շատերն կը յիշեն այս սահմանադրութիւնս. բայց ինչպէս անտարակոյս չէ այս ժողովիս մէջ կանոնուիլն, նոյնպէս ալ տարակուսելի է թէ յաջորդ կաթողիկոս ընտրութեանց մէջ պահուա՞ծ է միշտ կանոնն թէ ոչ: Սակայն Աղթամարայ կաթողիկոսութիւնն ինքնագլուխ մնաց անկէ ետեւ մինչեւ մեր օրերը, եւ յետ Դաւթի հետ զհետէ 92 կաթողիկոսք նստած են մինչեւ ՚ի տարաբաղդն Պետրոս Պիւլպիւլ, որ յամի 1864 կնքեց կեանքը։

Սեաւ Լերին ժողովոյն տարին, նոյեմբեր ամսոյ 29-ին, բնական եւ ահեղ դիպուած մ՚ալ հանդիպեցաւ հօն եւ մերձաւոր սահմաններ. սաստիկ երկրաշարժ մը, որ բաց ՚ի նիւթական շինուածոց՝ 40, 000 մարդկան մահ պատճառեց. քանի մը  վանքեր եւ եկեղեցիներ ալ կործանեցան, որոց մէկուն մէջ 30 միաբանք եւ երկու վարդապետք ժամասացութեան ատեն՝ փլած շէնքին տակ մնացին։ Այս սոսկալի պատահարին ականատես եւ ազատողներէն մէկն ալ մեր մանկահասակ Շնորհալին կըրնայ ըսուիլ, որոյ նրբազգած մտաց վրայ հարկաւ անանկ տպաւորութիւն մ՚ըրած է, որուն անդրադարձութիւն կըրնանք սեպել իբրեւ 40 տարի ետեւ ստորագրած աշխարհքիս աւերածը, Յիսուս–Որդի քերդուածին վերջերը.

«Յորժամ տարերքըս դըղըրդին», եւ այլն։ 

Նորընծայ կաթողիկոսն՝ որ հայրաբար եւ եղբայրաբար կը խնամէր իր հարազատը, չուշացաւ իրեն պէս զայն ալ սրբազան աստիճանաց բարձրացընելու, եւ հօս ալ տարիքն տեղի տուաւ գիտութեան եւ սրբութեան։ Շնորհալին գէթ իբրեւ 17–18 տարեկան քահանայ ձեռնադրուած պիտի ըլլայ. թէ եւ չի յիշուիր որոշ տարին. սակայն նոյն ինքն Ներսէս իր առաջին գրաւոր երկասիրութեան մէջ, որ է Վիպասանութիւնն, գրած յամի 1121, իր կենաց 20-րդ տարին, կը ծանուցանէ որ արդէն քահանայ էր. մանաւանդ թէ վկայէ դեռաբոյս հասակի մէջ քահանայանալն ալ՝ խնամօք եւ ձեռօք եղբօրը.

 

« Մինչեւ յարբունըս հասուցեալ,

Եւ քահանայ ձեռամբ օծեալ

Երկնաւորին Հօր նըւիրեալք

Եւ Միածնին իւր ընծայեալ ։ 

 

Եւ յետ քանի մը տող ալ խոնարհութեամբ զինքն անարժան գրելու այսպիսի սուրբ աստիճանի, կը յաւելու յուսով ջանալը՝ համեմատ գտուելու այն վիճակին

 

Միայն ՚ի յոյսըն յուսացեալ,

Ի Բարձրելոյն աջ զօրացեալ.

Զի յայսցանեաց ի բաց տարեալ՝

Զիս ՚ի բարիսըն փոփոխեալ»։ 

 

Ո՛րչափ սխրալի էր տեսնել 22–23 տարուան կաթողիկոս մը ալէզարդ եպիսկոպոսաց եւ վարդապետաց գլուխ կեցած՝ Աստուծոյ սուրբ սեղանոյն պատարագ եւ պատարագիչ ընծայել իր հրեշտականման պատանեակ հարազատը, որ իր հոգւոյն կնիքը կ՚ընդունէր Աստուծոյ եւ յեղբօրմէն։ Աւելի ալ սխրալի եւ սրբալի էր տեսնել նորընծայ ամըչկոտ շնորհազարդ քահանայն՝ դեռ հասակին աճման չափը չլըցած, հրեշտակներէ բարձր խորհըրդոց մեջ մտնել եւ կատարել, եւ կատարել արժանաւորապէս, որչափ որ հողեղէն մարմին կըրնայ արժանաւորիլ, իր հողութիւնը թէ ոչ իսպառ թօթափելով, գոնէ անոր երկրաքարշութենէն ազատելով, կամ կռուելով՝ ազատելու եւ թեթեւնալու։ Եւ յիրաի քահանայութիւնն ընդունելով՝ Ներսէս՝ հարկ սեպեց ՚ի յոյսն յուսացեալ եւ Բարձրելոյն աջով զօրացեալ՝ առաւել քան զառաւել «՚ի բարիսըն փոփոխել». իր զգուշաւոր եւ առաքինի վարպետներէն եւ դաստիարակներէն աւելի ինքն իր վրայ զգուշանալով, խստանալով, ինք զինքն յորդորելով եւ կրթելով, ճգնութեամբք եւ տքնութեամբք. ինչպէս իր համանունն եւ համանմանն շատ մասամբ՝ Ներսես Լամբրոնացի՝ կը գրէր անոր վրայօք. թէ երբ քահանայութեան 

 

« Յայս պատիւս նախ ելանէ, եւ 

Ճգնողական կիրըս կըրէ.

Պայծառ զմարմին իւր չարչարէ.

՚Ի յանդադար պահըս ճնշէ

Նոյն աղօթիցըն պարապէ.

Զանձն ՚ի Փրկչին խաչ հեղուսէ.

Պատարագել ոչ դադարէ,

ԶՅիսուս ընծայ Հօր նըւիրէ »։ 

Ճշմարի՜տ վկայութիւն ՚ի փորձ անձնէ. որոյ նման եւ արձակաբան պատմիչ վարուց Սրբոյն՝ զմյլմամբ կ՚ըսէ. թէ ի՜նչպէս « Անմարմնաբար եւ աստուածայնապէս սպասաւորեալ մեղսաքաւիչ եւ կենարար սուրբ խորհրդոյն, օրինակ բարեաց տայր զանձն բազմաց, եւ նախանձելի լինէր ողջախոհ մոլորեացն ՚ի բարիս։ Քանզի վառեալ էր ամենեւիմբ ՚ի հուր սիրոյն Աստուծոյ. եւ ոչ ինչ Էր ՚ի մարմնական գիջութեանց եւ ՚ի մոլեկան զբաղանաց՝ որ կարէր շիջուցանել զայնպիսի բորբոքումն»։

Անշուշտ, ինչպէս որ տարեւոր եպիսկոպոսունք եւ առաջնորդք Գրիգորիսի վսեմական ծանրութենէն եւ զգաստութենէն պատկառելով՝ իրենց լիակատար կաթողիկոս մը կը ճանչնային զնա, այսպէս երիցագոյն քահանայք եւ միանձունք՝ իրենց պատկառելի օրինակ մը՝ զՆերսէս։ Իսկ ինքն նաեւ աւելի տարւօք յառաջելով ալ՝ դեռ աշակերտ եւ համբակ եւ տգէտ կը ճանչնար զինքը, ինչպես իր Վիպասանութեան սկիզբը կ'ըսէ.

« Զի հրահանգից վարժարանի 

Չեմ տակաւին ներկուռ բանի » .

եւ վերջն ալ կը կնքէ։ 

« Կատարեցաւ բանըս չափեալ 

՚Ի համբակէ նըւաստացեալ» ։

Թուի թէ ոչ միայն վարուցը վրայ կը սքանչանային տեսողք, այլ եւ այնպիսի վարք ստանալու  կերպը կ'ուզէին սովրիլ։ Այլ չէ՛ հաւաստի ինչ որ մեր պատմահայրն Չամչեան կարծէ , 86) թէ քահանայութեանն ատեն գրած ըլլայ Շնորհալին Ճգնողական վարուց վրայոք գիրք մը [1] ։

Աղօթից եւ ուսմանց ապաստանաց մէջ սնեալ եւ գրեթէ ծնեալ, բնութիւն եղաւ իրեն ասոնցմով իր հոգին եւ միտքը կրթել, եւ այսպիսեաց ախորժիլ. այւ փափաքէր մտաց թեւերն ալ արձըկել, անոր յարմար տեղեաց եւ իրաց վրայ դեգերիլ. եւ մեղուաբար քաղել իմաստութեան մեղր ու ծաղիկ: Կը համարձակի յայտնելու այսպիսի բերումը եւ նաեւ զրկումը.

« ՅԱթենականըն քաղաքի՝

Զանձն իմաստիւք ոչ կրթեցի ».

եւ կը յիշէ հին Յունաց գերագոյն հանճարները, եւ անոնց հետեւելու նախանձը.

« Ուր լըսարանըն Պղատովնի

Եւ չափ ոտիւք Հոմերովնի,

Ուր ստորոգողն Արիստոտէլ

Տասըն բանիւ գըրօղն Է ի.

Ուր հոյլք ամեն հըռետորի,

Ժողովարան ճարտասանի,

Ներհըմտութիւն քերականի [2] » ։

Սեաւ Լերանց վանորէից մէջ արդարեւ կային իրեն վարդապետք հմուտք եւ վայելչագիրք, ինչպէս գիտնականն Ստեփաննոս, եւ մեծ Վկայաuիրին ատեն եւ վերջը յիշեալք Մեղրիկն, եւ Մատթէոս, եւ Կիրակոս Տօնամակաց աւարտողն, եւ այլք. սակայն հարկ է խոստովանիլ որ ոչ միայն այն ըղձացեալ նրբամիտ հելլենական Պղատոնք եւ Արիստոտէլք չկային, այլ եւ անոնց հասնելու ճամբան ալ շատ բանուկ չէր, այսինքն յունական դպրութիւն չկար. եւ նոյն իսկ յիշեալ գիտուն եւ գրագէտ վարդապետք ԺԲ արծաթի դարուս, կամ քիչ կամ ոչ գիտէին յունարէն լեզու, յորում դեռ շատ տեսակ գիտութեանց գրքեր գտնուէին, այլ անոնց Ս. Հարց գործերն մեծաւ մասամբ հայերէն թարգ մանուած ըլլալով 700 տարուան միջոց, եւ այն վանորէից մէջ ալ ժողոված՝ թէ միանձանց եւ թէ մեր երկու Վկայասէր կաթողիկոսաց ջանքով, տեղւոյն բանասէրք եւ գրասէրք ալ այնպիսի թարգմանութեամբք, եւ անոնց հետեւանօք մեր բնիկ Հայ վարդապետաց շարադրած գրքերով՝ իրենց ուսում եւ պարապմունք կ՚ընէին. եւ եթէ շատ տեսակ գրոց եւ ուսմանց չէին կըրնար զբաղիլ՝ այն քիչ տեսակները ստէպ կարդալով եւ քննելով՝ լաւ կը թափանցէին անոնց մտաց, կը սեփականէին անոնց խօսքերը եւ ընտիր շարագրութիւնը. որով եւ իրենք ալ չափավոր հմտութեամբ եւ յըստակ լեզուով՝ հաասար նախնեաց կամ քիչ պակաս՝ կը գրէին։ Ասով մեզի գրեթԷ 800 տարի հարազատ հայկաբանութեան պայծառ վտակ մը հոսեր եւ հասուցեր են. իսկ գիտութեան աստիճանն հասարակօրէն չէ բարձրացեր. այլ առանձնական անձինք յոյն եւ արաբացի կամ պարսիկ դպրութեան ետեւէ ըլլալով՝ կըրցեր են աւելի զարգանալ մտօք եւ բանիւ, նոր գիտութեանց համտեսել եւ ուրիշներու ալ համտես ընել։ Ինչպէս յետ մեր ոսկեղենիկ թարգմանչաց Ե դարու, Պետրոս Քերդող Սիւնեաց դար), Անանիա Շիրակացի (Է), ՅովՀաննէս Իմաստասէր (Ը), Ստեփաննոս Սիւնեցի (Ը), ՅովՀաննէս Բժիշկ (Թ), Գրիգոր Մագիստրոս (ԺԱ), Սարկաւագ Վդ. | (ԺԱ-ԺԲ), Մխիթար Հերացի (ԺԲ), եւ այլն։ Այսպիսիք սակաւաթիւ են մեր դպրութեան մէջ. գուցէ եւ շատ համարձակելի չէր անոնց՝ վարդապետել արտաքին գիտութիւններ վանորէից մէջ. ուստի եւ այս Սուրբ լերանց բազմաթիւ վանից եւ վանականաց մէջ ալ հազուագիւտ պէտք է համարիլ յունագէտները, մանաւանդ լաւ գիտցօղները. որով եւ մեր կրսեր Վկայասէրն եւ Շնորհալին՝ իրենց նախնեաց՝ Գր. Մագիստրոսի եւ անոր  որդւոյ մեծ Վկայասիրին՝ առաւելութիւնը չունեցան յայսմ մասին. գուցէ քիչ մը գիտէին յունարէն, այլ ոչ կատարեալ հասկանալու եւ թարգմանելու չափ. ապա թէ իրենք ալ Բ Թարգմանիչք կ'ըսուին, երկրորդ ձեռքով են թարգմանիչք, այսինքն ուրիշ լաւ յունարէն գիտողաց ձեռօք թարգմանել կու տային, եւ իրենք զհայերէն շարադրութիւնը կը կոկէին եւ վայելչացընէին ինչպէս վկայէ ինքնին Շնորհալին Ս. Սարգսի վկայաբանութեան եւ ուրիշ քանի մը թարգմանութեանց յիշատակարանաց մէջ. այսպէս կ'ընէր  երբեմն կամ ընել կու տար Մեծ Վկայասէրն ալ։

Արդ հարկաւ մեր Շնորհալւոյն ուսմունքն եւ վարժքն եղան աւելի հոգեխառն գիտութիւնք  քան արտաքինք, եկեղեցական քան քաղաքական. Աստուածաշունչ գրոց եւ Ս. Հարց վարդապետութիւն եւ մեկնութիւն, եկեղեցւոյ եւ սրբոց պատմութիւնք, կանոնաց եւ կարգաց հմտութիւն, չափ մը տօմարագիտութիւն եւ անոր նմանքն, երաժշտութիւն եկեղեցական, եւ վայելուչ շարագրութիւն արձակ եւ ոտանաւոր բանիւ: Ասոնց եւ  այսպիսեաց մէջ ալ լաւ հմտանալ՝ բաւական գիտութիւն եւ իմաստութիւն էր. եւ ահա մեր Շնորհալին ոչ միայն յառաջացեալ՝ այլ եւ գերազանցեալ կերեւի ասոնցմով, ոչ միայն քան զժամանակակիցսն, այլ եւ քան զբազում նախնիս. եւ յայսմ է իր մեծ ձիրքն եւ մեծ շնորհքն, կամ մէկ մեծ պատճառն Շնորհալի ըլլալու եւ ըսուելու։

Այսպիսի չնորհք՝ լոկ աշակերտութեամբ կամ երկայնմտութեամբ չէր վաստըկուեր. Ներսէս ասոնց վրայ ունէր բնական եւ կրթական սրամտութիւն կամ խորամտութիւն եւ ջանք. եւ ՚ի վերոյ ամենայնի՝ մեծ ամփոփումն մտաց եւ վերաբերութիւն մը՝ առ Աստուած. «ամենայն տուրք բարիք եւ պարգեւք կատարեալք ՚ի վերուստ են իջեալ առ ՚ի Հօրէն Լուսոյ» ըսուածը՝ գործով ալ խնդրելով։ Իր գրուածքը քննութեամբ կարդացողն չի կըրնար չհամոզուիլ այս բանիս եւ չզգալ երկնային օծում մը՝ Ներսիսի որ եւ է գրուածոց մէջ. որոց ամենէն նշանաւոր կերպարանքն եւ ոճն՝ այս իսկ օծեալ կամ շնորհազարդ ըլլալն է։ - Իրեն հոգւոյն հաղորդն եւ թարգմանիչ Լամբրոնացին՝ այսպէս կը վկայէ, յետ յիշելու անոր քահանայանալէն ետեւ ըրած կրթութիւնը. թէ յԱստուծոյ 

« Փոխան պարգեւ Հայցէ

ԶՍողոմոնին զմըտաւ ածէ

Իմաստութի՜ւն եւ Բան , ասէ,

Ի սուրբ Հոդւոյդ՝ ինձ ընձեռէ։ 

Հաշտ եւ համբոյրն (Ած) ընդ այս յաճէր

Զփափագ ըղձիցըն կատարէր.

Իմաստ բանի անչափ շնորհէր, ԿԱՐՏ 

Խորոց քննօղ զնա յօրինէր » :

Ամենայն մասն կամ՝ յատկութիւնք՝ գիտութեան կամ վարժութեան զարգացեալ եւ վայելուչ էին ՚ի Ներսէս. մաքրութիւն մտածման, ազնուութիւն բացատրութեան, յստակութիւն լեզուի, վայելչութիւն խօսուածքի. որուն վկայեն իր վարքը գրողք։ Նաեւ գեղեցկութիւն նիւթական ձեւագրին, զի

« Որպէս հօրանս ուլուց ցուցաւ 

Գեղեցկադիր գիրըն կարգաւ»,

կ՛ըսէ Լամբրոնացին, այծից ձագերու նմանցընելով սեւագիր տողերը• զոր աւելի պարզէ արձանկաբանն. «Գրէր եւ շարժագրութիւն գրոյ, հրաչատեսակ եւ վայելուչ ՚ի զանազան կէրպս, որպէս աստուածային մատամբ շարժահիւսեալ. եւ գիծք շնորհակիր եւ աստուածաներկ մատանցն, եւ բանք հոգեշարժք լեզուին՝ արտաբերեալք ՚ի յոքնահանճար մտացն, օտար եւ գեր ՚ի վերոյ երեւէին մարմնականաց գիտութեանց եւ իրաց։ Քանզի ոչ ունէր ՚ի մարդկանէ, եւ ոչ ՚ի ձեռն մարդոյ, առ ի ձեռն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն սրբոյ. որոյ մաքրեալ եւ զյարդարեալ էր զհոգի եւ զմարմին եւ զմիտս, տաճար եւ բնակարան համագոյ Երրորդութեան»: Տպագրութիւն չեղած ատեն ՚ի հարկէ պէտքն կը ստիպէր ձեռօք ընդօրինակել գրքեր. բայց Շնորհալին եւ իր նմանիքն՝ աւելի  գրոց իմաստները դիւրաւ իրենց միտքը տպաւորելու համար՝ կ՚օրինակէին. եւ ահա սա ինքն իր յառաջացեալ կենաց ատենն ալ կ՚օրինակէր նաեւ շատ հեղ կարդացած Ս. Գիրքերը. ինչպէս յամին  1149 Սողոմոնի գիրքերը օրինակելն յայտնի է՝ անոնց վրայոք գրած ոտանաւոր յիշատակներէն։ Մենք չենք արժանաւորած այն շնորհակիր եւ աստուածաներկ մատանց նիւթական շարժագրութիւնը տեսնելու եւ համբուրելու. այլ բանական վայելչագրութիւնը կամ շարագրութիւնը՝ ամենայն հայագէտ կըրնայ այսօր ալ կարդալ եւ վկայել, ինչ որ անոր վարքը գրող հին հեղինակն կ՚ըսԷր շատ յարմարապէս. «որպէս ՚ի ճախարակս ճարտարաց քերեալ՝ անգէղ եւ անգծական բայիւք». այսինքն այնպէս յստակ, կոկ , անխայթ, եւ անոյշ էին շարադրութիւնքն, որպէս թէ ճախարակէ անցած յղկած կլորած։ «Եւ զի վայելուչք եւ զորկագոյնք էին ասացեալքն առ ՚ի նմանէ, եւ Հոգւով սրբով լի, այնր աղագաւ յօժարապէս ՚ի միտ առնուին զնոսա. զի իբրեւ աղիւ համեմեալք էին»։

Հարկ է մեզ իր թողած գրուածոց հետ՝ ժամանակաւ մօտ եղողաց այսպիսի վկայութիւններն ալ լսել, որպէս զի լաւ ճանչնանք մեր Ներսիսի շնորհաց ճառագայթները կամ աղբիւրները. զոր եթէ ուզենք ռամկաբար եդեմական չորս գետերու նմանցընել, պէտք է չորս վտակ ճանչնալ՝ իր հոգւոյն սրբութիւնը, մտաց նրբութիւնը, բարուց ազնուականութիւնը եւ արտաքին մարմնաւոր ձիրքերը. որք ՚ի մի խառնեալ՝ յորդորեցին գետ մը, որ մեծագույն մասն արդ յանմահութեան ծովը թափած կը վըխտայ, փոքրիկ մաս մ՚ալ երկրաւոր յիշատակաց մէջ անմահանայ։ Ինչպէս որ հոգեսիրութեան հետ խառնած էր ուսումնասիրութիւնը, այսպէս անոր հետ ալ մըշտատեւ եղաւ ՚ի Ներսէս. կըրնայ ըսուիլ թէ խօսելու սկսած ատենէն սկսաւ եւ կարդալ քիչ ատենէն եւ գրել, եւ այս մինչեւ ՚ի վերջ կենացը աւելի քան զ50 տարի լոկ գրելով. եւ այն նաեւ այնքան պաշտօնական հոգոց եւ զբաղմանց մէջ. ուր եթէ քիչ մ՚ոգի առնըլու ժամանակ գտնէր՝ կարդալով, գրելով եւ քննելով կը սպառէր զայն. զի

«Յիմաստից փորձ մըտեալ էր,

Միշտ ընթերցմանըն պարապէր,

Եւ Հայր խորին բանից լինէր»

կ՚ըսէ Լամբրոնացին։ Իսկ եթէ քիչ մ՚աւելի ընդարձակ ատեն գտնէր, այսինքն նուազ հոդ եւ ըզբաղանք ի կաթողիկոսարանի, իր եղբօր օգնականութեան տարիներուն, կը խնդրէր որ առանձնանայ տեղ մը, եւ ազատօրէն պարապի գրելու եւ կոկելու դրուածը, այն վերոյիշեալ ճարտար ճախարակէն անցընելու, կամ ըստ Լամբրոնացւոյն՝ յունական ընտրաբանութեամբ շարադրելու, վասն զի եթէ Յունաց լեզուն չէր գիտեր, անոնց վայելչաբանութեան շնորհքն ունէր. այսպէս կըրնայ իմացուիլ իր թոռին ըսածը.

«Հոռոմ` զարուեստն ՚ի գործ ածէր

Եւ զանազան բանս արտադրէր [3] »։

Եթէ կաթողիկոս եղբայրն զինքը կանուխկեկ չպարտաւորէր իրեն օգնական ըլլալու՝ հայրապետանոցին գործոց եւ հոգոց, Շնորհալին անշուշտ այդ հոռոմ կամ ճոռոմ արուեստով եւ հայ պերճաբանութեամբ՝ շատ սքանչելի եւ համեղ գրուածներ պիտի թողուր ՚ի գանձ ազգային դպրութեան եւ եկեղեցւոյն. որոց երաշխաւոր կըրնան ըլլալ՝ մեզի հասածներն, զոր յետոյ պիտի թուեմք, եւ որք ամենքն ալ վերոյիշեալ ձիրքերով կը փայլին, որքան ալ շատերն հարկաւ մը եւ կարճ ժամանակաւ շարագրուած ըլլան։ Հարկ է որ բազմաթիւ ալ եղած ըլլան գրուածքն. որովհետեւ ինչպէս առաջ ալ տեսանք՝ շատ ագահ էր ժամանակի, եւ երբ ուրիշ կարեւոր գործ չունենար, յետ աղօթից՝ կարդալ եւ գրելն էր զբաղմունքն. եւ ուր որ ըլլար՝ թուղթ եւ կաղամար պատրաստ կ՚ունենար հետը, որ մտօք յղացած պայծառ խորհուրդներէն գոնէ մաս մը գրով ալ ծնանի. ըսել է որ միտքն անդադար հոգեւոր եւ բանական մտածութեամբք զբաղեալ էր. կամ Ս. Գրոց խօսք մը քննելով եւ մեկնութիւնը փնտըռելով, կամ կարեւոր խնդրոյ մը պատասխան պատրաստելով, կամ ոտանաւոր քերդուածոյ տողեր եւ չափեր կազմելով. որք մտաց կաղապարին մէջ ձեւանալուն պէս՝ մէկէն կ՚ուզէր գրել, որ չմոռնայ, եւ միտքն ուրիշ բան մը փնտռէ։ Ասով կըրնայ ըսուիլ թէ որոշեալ ժամանակ մը չունէր բան շարագրելու, այլ ինչպէս միշտ կը մտածէր, միշտ ալ կ՚արտադրէր. աւելին ալ կըրնանք ըսել իրեն համար, որ եւ իր զարմանալի յատկութեանց մէկ չնորհքն է, թէ գիշեր ցորեկ չունէր, եւ հաւասար միտքն կը բաներ եւ կաշխատէր յարթնութեան եւ ՚ի քուն։ Այսինքն, այս զարմանալի եւ չնիկ ձիրքն ունէր, որ երբ երկայն ատեն գրոց վրայ աշխատելով կը յոգնէր, եւ ալ անկարելի էր աչքը բանեցընել, պիտանի մտածութեամբք ծանրացեալ գլուխը բազմոցին վրա դրած՝ քիչ մը կը հանգչեցընէր, եւ կը մրափէր. բայց նոյն իսկ քունն հրաշալի արթնութիւն մը կ'ըլլար մտաց մէջ ժողոված անուշահոտ նիւթերն՝ հաւաքուելով ձուլելով կը ձեւանային. կարծես թէ բանաւոր մեղուն կ՚աշխատէր այն թանկ ուղեղին բջըջաց մէջ. եւ աշխատութեան նշանն անգամ կ'երեւէր իր պարկեշտ շրթանց վըրայ, որք իբրեւ մէկու մը հետ խօսելով կը շարժէին , ինչպես շատ հեղ ստուգեցին ականատեսք. եւ կարճ մրափէ մը վերջը՝ մէկէն սթափելով կ՚ելնէր, մտաւորական մեղրը մելանախառն աւանդելու մագաղաթից վրայ։ Դարձեալ միտքը կառնուր խնդիր մը, կամ այլեւայլ Հարց ըսածը Ս. Գրոց մէկ խօսքին վրայ, եւ նորէն նոյնպէս կը հանգչէր, կը մրափէր, եւ շուտով ելնելով՝ մտաց մեջ ցրուած տարերքը՝ միացեալ եւ ձեւացեալ վայելչապէս՝ կ՚արտադրէր։ Արդեօք բնակա՞ն վարժութիւն մ՚էր այս, թէ գերբնական տուրք մը, նման Ս. Ոսկիբերանի վրա պատմուածին իբր զի Պօղոսի առաքելոյ թղթոց մեկնութիւնը գրած ատեն՝ մտօքն կը յափշտակուէր. արժանաւոր անձ մ՚ալ տեսաւ որ նոյն ատեն Պօղոս առաքեալ Ոսկիբերանի ակընջէն կ՚ազդէր ինչ որ պէտք էր գրել, եւ կը գրէր։ Թէ ոչ Առաքեալ մը՝ անշուշտ Առաքօղն առաքելոց կը թելադրէր եւ մեր արծաթբերան հեղինակին, որոյ հետ խօսակցութիւնը նշանակէ այն շրթանց շարժումն ալ. որ հեղական ըսուած երկնաշնորհ գիտութեան կարծիք տուաւ իրեն ժամանակին մօտ վարդապետաց. «Ուստի եւ ընկալաւ զշնորհս գիտութեան եւ Հոգւոյն Սրբոյ, կ՚ըսէ Պատմիչն, ոչ ինչ ընդհատ յառաքելական դասուցն՝ որ զՀոգւոյն արբին զբաժակն ՚ի սուրբ վերնատանն: Մեկնէր զխորագոյն միտս բանի սուրբ գրոց, որով հրաշանային ընդ քաջակորով իմաստութիւնն եւ ընդ սքանչելի սուրբ եւ յստակ տեսութիւնն՝ դասք ընտրելոց վարդապետացն՝ որ զայնու ժամանակաւն էին»։ Այս զարմանալի եւ որոճողաբար իմն շարագրութեան մէկ առաւելութիւնն ալ համարելու է անոր յստակութիւնը, այն անգէղ եւ անգծական ողորկութիւնը, որով Շնորհալին մեր ընտրելագոյն հայկաբանից առաջին կարգին կը տեղաւորի, եւ ասով ալ իր դարուն պարագլուխ  կ՚ըլլայ։



[1] Լամբրոնացւոյ ըսածը «Ճըգնողական կիրըս կըրէ», ուրիշ օրինակի մէջ կարդալով գիրըս գըրէ ։

[2] Նաեւ 47 տարի ետեւ առ Մանուէլ կայսր գրելով՝ ցաւօք կը յիշէ լաւ վարժարաններ եւ ձեռնտուներ չունենալն այն ատեն ՚ի Հայս. «Ո՞ւր մեր վարժարանք՝ ՚ի թագաւորական պատրաստեալ հրամանացն, եւ կամ յայս փառաց եւ պարգեւաց՝ յառաջացելոցն յիմաստս, որ մանաւանդ մանկաբարոյից՝ են առաւելագունի պատճառ փութոյ կրթութեան»։

[3] Բայց ուրիշ օրինակք ձեռագրաց ալ ճոռոմ արուեստ կ՚ըսեն, իբր պերճաբան կամ ճարտասան։