Շնորհալի եւ պարագայ իւր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԻԸ.
Ներանձնական կրթութիւնք Ներսիսի եւ
Գերազանց առաքինութիւնք . Գաղտնիք Շնորհացն։

Մեր շնորհազարդ արեգակնանման Երկրորդ Լուսաւորիչն Ներսէս՝ այսուհետեւ հասակաւ խոնարհեալ ՚ի մայր մտնելու վրայ է. փութամք իր խաղաղական լուսովը զուարճանալ, եւ թէ կարելի է՝ քննել յայտնել իր` այնքան պայծառութեան կնքեալ աղբիւրը։ Բոլոր կեանքը յօգուտ եկեղեցւոյ եւ ընկերաց ծախողն բանիւ եւ գրով եւ պէսպէս աշխատանօք, ազգաց եւ եկեղեցեաց միութեան այնքան յօժարութեամբ ջանացողն, քաջ գիտէր որ իրեն ամենէն առաջին եւ վերջին ջանից եւ ուղղութեան առարկայն՝ ինքնին իր անձն է. ՚ի  վեր քան զամենայն եւ զբնաւ աշխարհս՝ Արարիչն յիւրաքանչիւր մարդոյ՝ իր կատարելութիւնը կը ահանջէ, ըստ հոգւոյ եւ ըստ մարմնոյ. այս հիմնական սկզբունքը Ներսէս իբրեւ ընդ կաթին ծծեց եւ մինչեւ ցվախճան անով սնաւ։ Ինչ որ Տօրոսի սեպացեալ Սեաւ գագաթունքն՝ իբրեւ մեծատարր եւ բարձրաբերձ որորան մը՝ ՚ի տղայութենէ ընդ ունելով զՆերսէս, եւ իբրեւ ընդ մէջ օդոց քան թէ ՚ի վերայ երկրի որորելով զնա՝ ազդեցին սրբազան եւ անզբաղ միայնութեանց մէջ. ինչ որ ալեւորեալ եւ զարդարեալ ծերութեամբ Մեծ Վկայասիրի ծոց մը, եւ նորաբոյս մերազարդ փոքր Վկայասիրին հարազատի ձեռնտուութիւնն՝ տպաւորեցին անոր, եւ ինչ որ ճգնասուն հարց եւ գիտնական վարդապետաց խրատք եւ օրինակք աւելցուցին Ներսիսի թարմ հասակին, ոչ միայն անջինջ մնացին եւ աճեցան հասակին հետ, այլ երբ ինքն իրեն տէր եղաւ՝ աւելի քան զօտար վարպետս եւ դաստիարակս, անդուլ եւ անքուն ինքն իր անձին կրթիչ դարձաւ, եւ անաչառ կրթիչ եւ քննիչ մը. եւ որքան աստիճանօք կը բարձրանար մինչեւ ՚ի ծայր քահանայապետութեան Հայաստանեայց՝ այնքան հսկողութիւնը կ՚աւելցընէր իր վրայ. եւ ինչպէս ՚ի քահանայանալն՝ ալ աւելի սկսաւ զինքը ճնշել, որ սուրբ աստիճանին պատշա՝ սուրբ սպասաւոր մ՚ըլլայ ամենասուրբ Սեղանոյն, նա եւ ՚ի կաթողիկոսանալն՝ ոչ միայն չթուլացուց իր առանձնական ճգնութիւնները, այլ 

« Եւ եւս առատ այժըմ ճըգնի

Ի վարըս սուրբ միշտ նըկըրտի»

վկայէ իր ամենէն հոգեկիր զարմացողն եւ նմանողն։ Այնպէս իմն երեւէր՝ թէ այն մեծ հայրապետն՝ հաւասար իր Հայ եկեղեցւոյ մանկանց՝ մանուկ   Ներսէս մ՚ալ ունի կրթելու, եւ մինչեւ ցմահ կըրթելու. եւ յիրաւի ալ առուգութեամբ աշխուժից եւ մաքրութեամբ մանկափայլ մնաց մինչեւ ՚ի վախճան, եւ որ եօթանասնամեայ դեռ իր կենդանագոյն տաղերը կ՚երգէր, ընտրանի շարականները շարէր եւ կշռաբան թուղթերը կը գրէր, նոյն զգաստ մտօք եւ կորովի սրտիւ դեռ իր ներքին մարդը զարդարել չէր թուլանար. իբրեւ թեթեւազէն եւ դիւրաշարժ կառք մը յարդարելով զմարմինը՝ հոգւոյն բարի ընթացից յորդոր՝ քան թէ արգելք։ Մինչեւ վերջին կենաց օրերուն համար վկայէ լուսատես Լամբրոնացին

«Սուրբըն ճըգամբքըն յառաջեալ,

Ի խիստ վարուց միշտ աշխատեալ

Մարմնոյն ներհակ պահօք զինեալ,

Ժիր ընթերցմամբ ըզնոյն կալեալ»։ 

Ապա զայնպիսի անձը՝ որ գրեթէ սրբութեամբ ծնաւ, սնաւ եւ մեծցաւ, իրեն բնակարան ընտրեց աստուածային իմաստութիւնն, եւ լցուց իր բազմապատիկ չնորհօք։ Սրբութիւն վարուց եղաւ յատակ Ներսիսի շնորհալի տաճարին, սուր եւ վարժ միտքն՝ բարձրագմբէթ ձեղուն մը, առաքինի խոնարհութիւնն՝ պարիսպք կցորդիչք յատակին եւ գմբէթին, եւ քաղցրութիւն բարուցն եւ բանաւոր բերք հանճարոյն՝ զարդք եւ դրուագք ներքին եւ արտաքին. առաքինութիւնը եւ գիտութիւնք իրարու խառնած իբր շուշանավարդ պսակ իր ոսկէծիրանի բազմախաչեան նափորտէն կրկնամածեալ քօղէն աւելի՝ մեծապայծառ զարդարէին զինքը։ Երջանիկ նկատողք իր տղայական տիոց մաքրութեանը՝ սքանչանալով կըրնային ըսել. «Զի՞նչ լինիցի մանուկս այս». եւ Վկայասէրքըն երկոքին, Բարսեղք եւ Ստեփանոսք վարժապետքն եւ խնամակալք՝ դիտել եւ դնել ՚ի սրտի իւրեանց՝ այնպիսի մանկան ըսած խոսքերը, որ մի այն տարիքով ցըցուց մանկութիւն եւ ոչ մտօք. վասն զի ուր սրբութիւն եւ իմաստութիւն միանան՝ հօն հասակն չի զանազանիր. սուրբ սիրտն զիմաստութիւն միայն սիրէ. եւ իմաստութիւն որ «յանձն չարարուեստ ոչ մտանէ», դադարէ ՚ի բարիարուեստ սիրտն եւ բարձրացընէ մինչեւ յաստուածային տեսութիւնս. որպէս ինքնին հրամմեց եւ երանեց ճշմարիտ եւ իսկական Իմաստութիւնն եւ Սրբութիւնն. «Երանի՜ այնոցիկ որ սուրբ են սրտիւք, զի նոքա զԱստուած տեսցեն»: Եւ ինքն Ներսէս խորհրդածելով այս երանութեան վրա՝ հիացմամբ կ՚ըսէր. «Երանութիւնս այս գերազանց է քան զհասումն մտաց. որպէս որք հայելով ՚ի բարձրագույն վիմէ որ յեզերս ծովու՝ ՚ի խորս նայիցին անդընդոց, եւ յանտեսութենէ յատակի խորոցն լնուն երկիւղիւ: Զի ոչ զգիտելն ինչ յաղագս Աստուծոյ՝ երանէ Տէրն, այլ որ յինքեանս ընդունին զԱստուած՝ երանելիք, մաքուրք սրտիւք Որովք ուսանիմք, թէ որ յամենայն ախտից զսիրտն մաքրիցէ՝ յիւրոյ հոգւոյն գեղեցկութիւն տեսանէ զաստուածային կերպարանն». որքան աւելի մաքրէ՝ այնքան ավելի քան զաւելի կը տեսնէ աստուածային գեղեցկութիւններ։ Որպէս հաւատամք թէ կ՚ընէր եւ կը տեսնէր Ներսէս. եւ այնպէս գերազանցելով քան զերկայնաչար նախորդս իւր՝ Լուսաւորչի որդւոց եւ թոռանց կը հասնէր, կը դասակցէր անոնց՝ Սրբութեան պաշտամամբ տարեկանաւ հռչակուելով յեկեղեցիս Հայոց. որոյ մաքրութեան եւ սրբութեան համբաւն եւ փայլակն՝ կենդանութեանն ատեն իսկ կը լսուէր եւ տեսնուէր ամեն աննախանձ ճանչցողաց՝ ինչպէս տեսանք ԹԷորիանեայ ըսածը, որ սուրբ ճանչցաւ  զՆերսէս, եւ այնպէս քարոզեց ՚ի դրան կայսեր Մանուէլի։ Իսկ իր մերձաւորքն գրեթէ միակ մխիթարանք զինքը ժամանակի հարկաւ կորուսնելուն` սրբոց կարգաւ տօնելու յոյսն ունէին։

Սուրբ սրտին աչքն՝ եթէ Աստուծոյ գեղեցկութիւնը կը դիտէ, յայտ է որ իր ճարակն ալ՝ անոր վայելքն է, Աստուծոյ սէրն է. եւ որքան մաքուր է սիրոյ ամանն՝ այնքան ազնիւ եւ պարզ է մէջը լցուած նիւթն, սէրն։ Շատ է մեզի ճանչնալ Ներսիսի սրտին մաքրութիւնը. ուրիշ վկայութիւն պէտք չէ իր մեծ եւ անոյշ աստուածսիրութեանը, եթէ եւ իր գեղեցիկ գրուածքը, ջերմեռանդն երգերն՝ արտաքին վկայ մը չունենայինք մեր ամենօրեայ ժամասացութեանց մէջ. եւ իրեն հոգիաբուղխ հառաչանօքը մենք ալ չկըրկնէինք, աւելի յարմար սեպելով մեզի յետին տողիկը.

« Սէ՜ր անուն Յիսուս,

Սիրով քով ճըմլեա 

Սիրտ իմ՝ քարեղէն»

կամ աստուածային սիրոյ եւ ցաւոց զուգահիւսակ Նորոգող տիեզերաց երգոյն վերջին տունը.

«Սիրտ իմ առ քեզ աղաղակէ

Բան, որ ընդ Հօր ՚ի սկըզբանէ», եւ այլն.

կամ Հաւատով խոստովանիմին՝ ոսկիաշար տուները, Զարթիքը, բոլոր Յիսուս որդին, եւ այլն։ Շատ բան կ՚արժէր զրուցել այս ամեն բանէ վեր բանին համար, Շնորհալւոյ մը աստուածսիրութեան, եթէ նախ ինքն իսկ ուզած չըլլար՝ այս ամենէն սուրբ եւ սաստիկ կիրքն ալ՝ չափաւորել դրսուանց, եւ ծածկել իր ծածուկ ողորմութիւններէն աւելի՝ ներքին զգացմունքն եւ վայելմունքը եւ եթէ երկրորդ՝ իրեն արժանաւոր եւ մերձաւոր անձանց աւելի չվայլէր այս բանս հռչակել. յորոց ամենէն յառաջադէմն եւ շատ անգամ յիշեալ եւ յիշելի Լամբրոնացին կ՚ըսէ

«Ներսէս յաղօթս առ Տէր կանխէր

Դէմ յանդիման ընդ նա խօսէր.

Մըտօք զփրկչին շնորհս որոնէր,

Եւ արտասուօք գոհաբանէր.

Տրոցըն տուր կըշիռ չափէր,

Զանձն աղերսիւ փոխանակէր.

Որ ընկալեալ եղեւ ՚ի սէր,

Եւ հատուցաւ զոր ինչ խնդրէր։

Ներսէս հրեշտակ էր երկրաւոր,

Գոլով մարմին ոչ նիւթաւոր

Որ ՚ի վերջին դարս եւ ՚ի կոր՝

Ուրեք չըկայ արժանաւոր.

Միայն գըտաւ նա ճըգնաւոր,

Շնորհօք պայծառ եւ փառաւոր.

Բայց արդ երկինս է դասավոր,

Նըմա չմնաց նմանաւոր»։ 

Ինչպէս բիւրեղ ական կամ թէ վանակնի մէջ դրուած գոհարակապ ոսկի զարդ մը, այնպէս էր աստուածային սէրն Ներսիսի սուրբ սրտին մէջ. եւ ինչպէս այնպիսի գանձակալ մաքուր ամանն ալ կը ծածկեն արտաքին խոշոր ամանի մը մէջ՝ որ անկողոպուտ եւ ապահով պահուի, այսպէս, եթէ կարմրուկ սիրո պահարան՝ սպիտակ սրբութիւնն է, սրբութեան ալ պահապան խոշորագեղ խոնարհութիւնն է, առանց որոյ՝ եւ ոչ մի լաւութիւն կըրնայ լաւութիւն ըսուիլ, որպէս եւ ոչ հոգեղէն աղն՝ աղ մնալ, ըստ Քրիստոսի առածին. եւ որպէս աւելի բարձրանայ գունդ մը կամ թռչուն մը՝ որքան որ ցածէն ուժով առնու սլացքը, այնպէս կը  բարձրանայ սէրն ՚ի սուրբ սրտէ՝ որքան սա խոնարհութեամբ խոյացեալ ըլլայ։ Շատ նուրբ եւ ազնիւ բան է խոնարհութեան առաքինութիւնն, անծանօթ յաշխարհէ եւ դժուար իմանալի, այլ բարեբաղդաբար այնքան վկայութիւն ունիմք յառաքինեաց եւ այնպիսի օրինակ՝ որ թանձրագույն մտքեր ալ կըրնայ համոզել. բաւական է թէ հաւատայ յաւետարանն Քրիստոսի, եւ յիշէ որ սա ինքն Տէր մեր ամեն բանէ առաջ իր բերնով իրմէ օրինակ առնուլ զհեզութիւն եւ զխոնարհութիւն հրամմեց. եւ ամեն երանութենէ առuuջ հոգւով Աղքատութիւնը դրաւ, որ է Խոնարհութիւնն ըստ հոգեւոր մեկնըչաց։ Աստուածային տեսչութեան կամ նախախնամութեան նիւթն՝ Սէրն է, եթէ կըրնայ այսպէս ըսուիլ, այլ բաշխող գործին՝ Խոնարհութիւն մ՚է. սա է այն գերահրաշ սանդուղն, ուսկից կըրցաւ Աստուած իջնել յերկիր, եւ մարդ յանդընդոց յերկինս ելնել։ Իսկ ամենայն չնորհաց ընդունարան եւ պահարան ըլլալուն՝ գերագոյն օրինակ ունիմք աղջիկ մը, կոյս մը, որ ամեն ստեղծեալ սրտէ աւելի սուրբ էր. միակ կատարեալ սուրբ ՚ի ծնունդս մարդկան, որ ամեն բանաւորէ աւելի կրցաւ սիրել իր ստեղծիչը, եւ ամենէն աւելի ալ ունէր սիրոյ եւ սրբութեան պատեան խոնարհութիւնը՝ մինչեւ ինքնին աստուածարեալ յափշտակութեամբ Հոգւոյ գոչեց, թէ Տէր «Հայեցաւ ՚ի խոնարհութիւն աղախնոյ իւրոյ». վասն որոյ «Յայսմ հետէ երանեսցեն ինձ ամենայն ազգք»: Կոյսն կուսանաց Մարիամ՝ երկրաւոր լեզուաւ զինքն անուանեց Խոնարհ. իսկ հրեշտակապետն աստուածառաք՝ երկնաւոր լեզուաւ թարգմանեց եւ վկայեց՝ Լի շնորհօք. ուրեմն խոնարհութիւնն է աղբիւր չնորհաց. կոյսն անչափ խոնարհութեամբ մ՚ընդարձակեցաւ, որով եւ անչափելի շնորհաց Տէրը  իսկապէս ընդունեցաւ ՚ի սուրբ ծոցին։ Խոնարհութիւն, սէր եւ սրբութիւն՝ ճրագ, պատրոյգ եւ բոց՝ աշտանակեալ սրտի. երրորդութիւն մի հոգւոյ յերկրի։

Ահաւասիկ գաղտնիք կամ մեկնութիւն գաղտնեաց Շնորհալւոյն Ներսիսի։ Կըրնայ ըսուիլ թէ նա ամենայն առաքինութեամբք զարդարեալ էր՝ իբրեւ մէկմէկ ճերմակ փետրովք վայելուչ թեւոց վրայ. այլ ամեն մէկ ճերմակ փետրոց քով մէկմէկ ալ մանուշակագույն ունէր. զԽոնարհութիւն. որով հաւասար բարձրանար եւ ցածնար, բացուէր եւ գոցուէր, ծագէր եւ ծածկէր։ Ամեն յիշատակողք վարուց կամ գործոց Շնորհալւոյ  յիշեն իր այս սքանչելի ձիրքը, այլ յայտ կամ կիսայայտ կամ լռելեայն. վասն զի խոնարհութիւնն՝ որպէս նրբագոյն եւ սրբագոյն յունողն՝ այնպէս ալ նուրբ աչք կը պահանջէ ՚ի տեսողն. եւ զի խոնարհութիւնն ինքն իրմով ծածկի՝ որպէս տատրակն ինքն իրեն թեւերով, այլ Հեզութիւն ն հարկաւ յայտնուի եւ չի կըրնար ծածուկ մնալ, այսու անուամբ սովորաբար կը յիշուի խոնարհաց առաքինութիւնն։ Հեզութիւն եւ խոնարհութիւն, երկու հարազատ եւ երկուորեակ դստերք են երկնաւոր առաքինութեան, եւ Քրիստոս ինքնին անբաժան կ՚ըսէ. «Հեզ եմ եւ խոնարհ սրտիւ». այլ ըստ մերս տեսութեան՝ մէկմէկով յայտնուին եւ գուշակուին, իբրեւ թեւի մը կամ ծաղկի մը մէջի երեսն եւ դրսի երեսն. Խոնարհութիւնն ՚ի միջի՝ ՚ի սրտին, Հեզութիւնն արտաքուստ ՚ի դէմս նկարի. որպէս պարկեշտ ամօթխածութիւն կուսական երեսաց, որքան ծածկուիլ ուզէ՝ այնքան գեղեցիկ երեւի։ Որքան երկնաւոր աշխարհի մօտ ըլլայ անձն՝ այնքան խոնարհ եւ հեզ կ՚ըլլայ. որքան անկէ հեռու երկրաոր եւ շնչաւոր ըլլայ՝ այնքան հպարտ եւ բարկ կ՚ըլլայ. որքան մէկն յաղթելեւ նուաճել կուզէ, այնքան հեռի է ՚ի հեզութենէ եւ ՚ի յաղթութենէ. վասն զի եւ տէրն՝ հեզոց համար ըսաւ եւ երանեց, թէ «ժառանգեսցեն զերկիր»։ Այս բանիս օրինակ՝ գուցէ ամեն մարդ տեսած ըլլայ, բարկացողի մը եւ Հեզոյ մը հանդիպելով. մէկէն կը ճանչնա բարկութեան անբանականութիւնը, հեզութեան գերազանցութիւնը. մէկուն գազանութիւնը, միւսոյն հրեշտակութիւնը։ Ո՜հ, ո՛րքան աւելի պըժգալի կերեւի այն՝ եկեղեցականի մը վրայ. եւ ո՛րքան աւելի յարմար այս՝ այնպիսի վիճակի, որոյ՝ քան ամենուն՝ մեծագոյն պարտքն է Քրիստոսի նմանողութիւնն, եւ յայտնապէս օրինակեալ եւ օրինադրեալ նմանողութիւնն. «Ուսարուք յինէն», եւ այլն. որոյ համար շատ դարերով առաջ վկայեց Մարգարէն, թէ Նա սովրեցուց ըսածը, այլ ոչ աղաղակեց եւ ոչ վիճեց, եւ ոչ ոք լուաւ ՚ի հրապարակս զբարբառ նորա. Նա՝ երբ ջախջախ եղեգանց վրայ քալել հարկ էր, քալեց եւ չկոտրեց զեղեգը. Նա՝ առկայծեալ պատրւյգներու քովէն անցաւ, շնչելով հեզաբար, եւ չմարեց Նինոսից եւ Կիւրոսից, Աղեքսանդրեանց եւ Կեսարեանց բռնաբար աշխարհակալութիւնք եւ տիրապետութիւնք անհետացան. Մովսիսի, Դաւթի, Անտոնեանց եւ Փրանկիսկեանց հեզաբար հոգեկալութիւնք կան եւ մնան, գերագոյն եւ աստուածամերձագոյն անձինք էին յիշեալքդ, որպէս եւ Աբրահամ եւ նմանիքն, սակայն եւ ամենահեզ անձինք. զի նոյն իսկ իրենց սիրտն ուժովցընող զօրութիւնն՝ այն կակուղ այլ աննկուն հեզութիւնն էր։

Եթէ երկայնեցաւ խօսքերնիս, Շնորհալւոյ սեփականագոյն շնորհքը բացատրելու համար էր, որ եւ իրեն խոնարհութեան պատմուճանին արտաքին երեսն է, որ բովանդակ գործոց, խօսից, գրուածոց, շարժմանց եւ դիմացը վրայ կը յայտնուէր եւ փայլէր, եւ զոր ոչ ոք կրնար չտեսնել եւ չվկայել. զոր առաւել քան զամենայն շնորհս պայծառ տեսնելով եւ աչք իմաստասիրին Յունաց՝ կը ստիպէր քարոզել ՚ի կայսերական պալատին, անոր հոգւոյ հեզահայեցութիւնը եւ զպարկեշտութիւն անձինն, եւ զխոնարհամիտ եւ հանդարտ հարցմունքն եւ պատասխանին։ Արժանապէս ալ Մովսիսի նմանցընելով` կ՚ըսէ Լամբրոնացին

«Ներսէս՝ հոգի հեզ ըստացաւ,

Որ Մովսէսի հանգոյն ցուցաւ.

Ընդդէմ ներհակ ումեք չյարեաւ

ԱJլ սուրբ սիրով ինքն ընկալաւ»։

Պատմութիւնը գրող հեղինակն այնքան արժանաւոր անձէն պատկառելով եւ վախնալով վարքը գրելու, միայն կը համարձակի «Վստաէացեալ ՚ի նորին աստուածայնագոյն հեզութիւնն ». զոր եւ ուրիշ տեղ մը անբաւ հեզութիւն կ՚անուանէ։ Ժամանակաւ մերձաւոր եւ ծանօթ պատմըչաց գլխաւորն՝ Կիրակոս, ամենէն առաջ զայս յիշէ ՚ի բարսն. «Էր ինքն հեզ ամենայնիւ, եւ պարկեշտ, արժանաւոր այրն Աստուծոյ». եւ անոր կիսակատար գրուածոյն (Մատթէի Մեկնութեան) շարունակող հեղինակն (Եզնկացին)՝ իբր յատկագոյն մակադրութեամբ կ՚ըսէ. «Երանելի հեզաոգի պատրիարքն Հայոց՝ Տէր Ներսէս». նոյնպէս եւ Յայսմաւուրաց հեղինակք իբրեւ սեփական բարք կը յիշեն զնա հեզ, խոնարհամիտ, եւ միով բանիւ՝ «Լցեալ աստուածային շնորհօք»։

Պարզագույն եւ խորագույն տեսութեամբ կը բացատրէ վարուց պատմիչն՝ այս կարեւոր եւ սքանչելի շնորհքը. «Էր ՚ի նմա եւ այլ ինչ առաքինութեան կիրք, որ առավել գերագոյն է այլոց բարեաց մասանց, զոր կարի յոյժ դժուարին յերկրածնաց ոք ստացական ջանիւ կարողանայ ստանձնել զամենագովելի հեզութիւնն ասեմ, զոր ունէր հանգոյն մեծի նախամարգարէին Մովսէսի. որ ոչ մասնաւորաբար ըստ ժամոյ ուրեք, այլ զամենայն աւուրս կենաց իւրոց՝ ոչ ումեք բարկացաւ։ Եւ եթէ լինէր ՚ի պատճառէ իմեմնէ բան եւ կամ գործ յումեքէ՝ արժանի բարկութեան, նա ոչ սրտնէր կամ ցուցանէր ինչ. այլ հեզ եւ քաղցրագոյն բանիւ ասէր. Լո՜յս, եթէ ոչ յիս խնայէի՝ բարկանայի քեզ։ Եւ այս էր նորա բարեաց սովորութիւնք միշտ, որ ՚ի վեր է քան զմարմնոյ բնութիւն»։ Զգաստ հեղինակ բանիս շատ լաւ կ՚անդրադարձընէ այս առաքինութեան մեծութիւնը եւ դժուարութիւնը. զոր հարկ է մեծ ջանիւ եւ ուժով ստանալ, եւ չկարծել անաշխատ տուրք մը. այլ որպէս ցանկութիւն՝ նոյն եւ ցասումն, երկու տրմուղ զուարակաց պէս հաստատուած են ՚ի բնութեանս, զոր շատ կրթությամբ նուաճելու է, որ կարենան լծավարել մեր բանական անդաստանին մէջ. ապա թէ մէկն կամ մէկալն խեռէ եւ ծռէ, յայտնի է թէ ինչպիսի խասներ կ՚ըլլան։ Ինքն իսկ հեզահոգին մեր «գիտէր զի՛նչ կրէր ՚ի մարդն». եւ կը վկայէ աւետարանի մեկնութեան մէջ, թէ ամենեւին անբարկանալի ըլլալ՝ բնութենէ դուրս ըլլալ ըսելէ, որով է անկարելի. այլ երանելի հեզութիւնն է «որ առաքինութեամբ սանձահարէ զախտս, հակառակօքն զհակառակսն բժշկել. ըստ այսոցիկ եւ հեզութեամբն՝ զտարապարտ բարկութիւնն: Ծնող հեզութեան՝ խոնարհութիւնն է, եւ արմատ բարկութեան՝ ամբարտաւանութիւն։ Բայց մի՛ ոք զբարկութիւնն յամենայնի չար համարի, եւ զհեզութիւնն բարի, զի ՚ի ժամանակի՝ բարի են երկոքեան. Մովսէս՝ հեզ վկայի, բայց այնքան բարկացաւ ՚ի վերայ չարեաց ժողովըդեանն՝ մինչ զի զտախտակսն  խորտակեաց»։ Նոյն դարձեալ եւ Ընդհանրական թղթին առ Եպիսկոպոսս խրատէ, ոչ յամենայն դէպս հեզութեան պատճառաւ ներող ըլլալ, այլ եւ սաստել եւ յանդիմանել, օրինակ բերելով զնոյն իսկ Տէրն մեր, որ խարազանաւ վռընտեց տաճարին մէջ տուրեւառ ընողները. սակայն դարձեալ կ՚աւելցընէ հեզահոգին, թէ Յիսուսի խարազանն ալ «չուանեայ (էր) եւ ոչ ՚ի կարծր նիւ«թng », որ նշանակէ թէ սաստելու ատենն ալ քաղցրութիւն պէտք է ունենալ։ Անտարակոյս ինքն ալ այնպէս կ՚ընէր, երբ իր բարձր աստիճանի ալ պարտքերն կը ստիպէին խրատելու, յանդիմանելու եւ սաստելու. այլ առանց վրդովելու իր հեզութիւնը բարկութեան կրքով, կամ դառնացընելու իր սքանչելի քաղցրութիւնը՝ որ եւ է անառաքինի շարժմամբ եւ բերմամբ։ Վասն զի ինչպէս ինքն տայ իմաստասիրել մէկ թղթին մէջ, Քրիստոսի նմանութեան ճանապարհին հետքն՝ « առաջինն է Խոնարհութիւնն, եւ որ նորին են մասունք՝ Հեզութիւնն եւ Քաղցրութիւնն»։ Չքնաղ երրակք, որպես մայր մ՚անդրանկածին երկուորեակ դստերօք յաջմէ եւ յահեկէ։ Անշուշտ Ներսէս ալ մեր դարուս մօտ հռչակեալ Ս. Փրանկ. Սալեզացւոյ առակ եղած քաղցրութիւնն եւ զուարթադիմութիւնն ունէր, սակայն այս նոր քաղցրածորան Սուրբս՝ ինքնին իրեն համար վըկայէ՝ որ քիչ ատենուան մէջ ստացած չէ այդպիսի շնորհք մը. 23 տարի աշխատած է ցասմնական կիրքը սանձելու եւ ինքն ինքեան տիրանալու. քիչ շատ այսպէս պէտք է դատել ամեն առաքինի եւ հեզ անձեր. իմանալ թէ յիրաւի մեծ եւ դժար՝ որով եւ մեծայարգի առաքինութիւն մ՚է խոնարհութիւնն. եւ շատ թանկ շնորհք մ՚է եղեր մեր հայրապետին սեփական ձիրք երեւցած ամէնագովելի հեզութիւնն ։

Բնական է եւ զարմանալի չէ որ այսպիսի հեզահոգի եւ առաքինի անձինք՝ ոչ միայն սիրելի ըլլան, այլ եւ մէկէն խօսակցողաց եւ կենակցողաց սիրտը գրաւեն, եւ կարծր սրտեր ալ կակղեն եւ բանան, այս զարմանալի եւ շատ ալ զարմանալի է այնպիսի քաղցրութեանց՝ անճաշակ, անզգայ եւ հակառակ սրտեր ալ գտնելն. Սալեզացւոյ մը եւ Շնորհալւոյ մը ներհակ կամ ստացող՝ միայն սատանայ կըրնար ըլլալ, ինչպէս կ՚ըսուի ռամկօրէն. այլ սատանայի կրից կըրնայ դժբաղդաբար հաղորդիլ եւ մարդկային բնութիւնն, թէ ոչ նոյն չար դիտմամբ։ Եւ միթէ ինքնին իսկ քաղցրութեան աղբեր դէմ չի՞ կռուիր որ եւ է մարդ՝ երբ Աստուծոյ կամաց, իր խղճին, քրիստոնէական պարտուց դէմ կ՚ուզէ գործել, եւ Յուդա՝ Սիրոյն աշակերտ՝ չդաւե՞ց զUէրն մարմնացեալ։ Սիրոյ ներգործութենէն դժար է մեկնել ատելութեան ներգործութիւնը. սակայն ստոյգ է որ երբեմն ամենասիրելի եւ ամենաբարի եւ բարերար անձինք ալ զիրենք սաստիկ ատեցողներ ալ ուեցեր են. որոնց ատելութիւնն բոլորովին անբանական եւ բնաբոյս իմն հակակրութիւն կըրնայ ըսուիլ այսպիսի զանազան դէպք պատմուին մեր յիշեալ Սալեզացւոյ նկատմամբ։ Շնորհալին ալ ունեցեր է իրեն ատելիներ, որոց համար աղօթէ ՚ի Յիսուս Որդին, թէ 

«Ողորմեա եւ տողին

Եւ թըշնամեացն իմոյ անձին՝ 

Թողցես զյանցանս առ իս պարտին», եւ այլն.

եւ Հաւատով խոստովանիմին վերջընթեր տան մէջ յիշելն ալ զատելիսն՝ գուշակել տայ այն դառնադառն կիրք եւ ցաւն առաքինեաց, որք երբեմն իրենց ամեն ջանքն եւ սէրն ալ անօգուտ կամ անբաւական կը տեսնեն՝ հակառակորդաց սիրտը շահելու եւ ուղղելու։ 

Յիշեցինք Տարսոնացի Պօղոս քահանայ մը (420) որ ատելութեամբ կը բամբասէր իր ազգը եւ հայրապետը. որ երբ խրատեց զնա հեռուէն, ինք զինքն ուզեց արդարացընել ուրանալով ըրածը. հեզահոգին Ներսէս ալ դէմ չկեցաւ ըսածին, այլ իբր հաւատալով՝ ուրիշ անխոհեմ գործերէ ալ զգուշացուց։ Այլ գտուեցաւ ուրիշ անզգամ՝ մ՚ալ թուի թէ վանահայր եկեղեցական մը, որ Համարձակեցաւ գրել առ հայրապետն մեր «բանս զկծանաց յանդուգն լրբութեամբ»։ Հարկաւ ջնջեր են ողջախոհք այն անարժանին գիրն ալ անունն ալ. բայց Ս. Ներսիսի գրած պատասխաններէն կ՚իմացուի՝ որ ափեղցփեղ եւ ծանր ծանր նախատինք գրած էր վրան, եւ զինքն իբրեւ կեղծաւորութեան ատեցող ճշմարտասէր ցուցընելով կ՚ուզէր կռուել իսկ կաթողիկոսին հետ, եւ յետ դարձընել պատարագի սեղանի ծածկոց մը՝ զոր Շնորհալին ընծայեր էր այն անձին բնակած տեղւոյն Աստուածածնի խորանին։ Ասոնց դէմ Շնորհալին սքանչելի հանդարտութեամբ յանձն կ՚առնու իր մեղադրելի եւ անարժան ըլլալն Աստուծոյ առջեւ. այլ կ՚իմացընէ անոր ալ ամբարտաւանութեամբ գործել եւ գրելը, եւ կերպով մը դարձեալ կ՚ողորմի կրկնելով, թէ «Յիրաւի ասէի թէ անգիտանաս զոր կրես». եւ վերջապէս իրեն կամացը թողլով նորէն գալը կամ չգալը, (որովհետեւ անհանճար մեծաբանութեամբ այս բանս ալ գրեր էր նա, ) խնդրէ Շնորհալին, որ «ուր կայցես՝ յիշեսցես յաղօթս, եթէ ախորժես. ողջ լեր»։ Անզգամն այսքան սիրով ալ չկակղելով` յանդգնեցաւ նորէն գրել եւ աւելի նախատանօք. այն ատեն Սուրբն ալ առանց իր հանդարտութիւնը թողլու՝ աւելի ծանր խրատով յանդիմանեց անոր հպարտութիւնը եւ բարկութիւնը, որ հին եւ նոր օրինաց պատուիրանը ոտքի տակ ձգելով՝  ատելութեամբ կը դատէր եւ կը դատապարտէր իր երբեմն սիրելիները. եւ բոլորովին ստութեամբ կ՚ըսէր, թէ հայրապետն զինքն իր հակառակորդաց ձեռքը մատնած ըլլայ, մինչ սա եւ անգամ մը մտածած չէր այնպիսի բան ՚ի վերայ այսր ամենայնի կաթողիկոսն սիրով կ՚ընդունի այս զրպարտութիւններն ալ՝ որ կըրնան իրեն օգտակար ըլլալ Աստուծոյ դիմաց՝ համբերութեամբը։ Գրեր ալ էր անզգայն որ յարեւմուտս պիտի փախչի կաթողիկոսին ձեռքէն, մինչ սա ոչ զոք հալածէր. անոր համար կը պատասխանէ. Եթէ իմ պատճառաւս է փախուստդ՝ եւ ճամբան քեզի փորձանք մը հանդիպի՝ ես ըլլամ պարտական, իսկ եթէ դու ինքնահալած կ՚ըլլաս՝ դուն ես եւ պատճառ։ Ո՞վ կարծէր թէ այսքանս բաւական չըլլայ լռեցընելու այն յիրաւի անզգայեալը. որովհետեւ յանդգնեցաւ դարձեալ դէմ գրել, եւ ալ աւելի հայհոյանօք, ինչուան Պիղատոսի եւ Տրայիանոսի նմանցընելով զՆերսէս, մամոնայի ծառայ կոչելով եւ կաշառակեր, «եւ թէ այժմու աթոռդ՝ զոր ունիս՝ ոչ միայն Աստուծոյ չէ, այլ եւ ոչ Մահմէտի. եւ թէ կոյրդ՝ կուրաց ոչ առաջնորդէ եւ թէ յեօթանասուն եւ երկու լեզուս՝ չկայ ոք՝ ո՛չ արեւապաշտ ո՛չ կռապաշտ քան զՀայոց ազգս՝ ամենայն չարեօք լի. եւ թէ գլուխ այս ամենայն մեղաց եւ պատճառ դու ես, վկայութեամբ երկնի եւ երկրի եւ Աստուծոյ եւ Հրեշտակաց եւ մարդկան». եւ այլն։ - Այսպիսի բանից դէմ Սուրբն ի՞նչ կայծակներ թափէ։ Յիրաւի, կ՚ըսէ, շատ մեղաւոր եւ ախտաւոր եմ. եւ թէ կուզես՝ եկ, եւ ես ինքնին խոստովանիմ քեզ, որպէս զի ոչ կարծիքով՝ այլ տիրապէս դատես. այլ ինչպէս որ չունեցած բարւոյս համար՝ թէ եւ ամեն լեզու զիս գովէ՝ ես հովի ձայն համարիմ, այսպէս ալ թէ որ մէկն զիս նախատէ՝ չունեցած խղճի համար, իսկ թէ մէկն ճշմարիտ ունեցած յանցանքս նախատէ, «ոչ վասն ասելոյն՝ այլ վասն ունելոյն վշտանամ»։ Բայց որպէս զի նորանոր գրութեամբ ես հոգոցս վրայ հոգ չաւեցընեմ, եւ դու ալ չձանձրանաս, երբ այսպէս զիս անարժան, կոյր եւ խանգարիչ կը ճանչնաս, ժողվէ՛ ազգին գլխաւորները եւ ընտրեցէք նոր եւ կարող հայրապետ մը, եւ ես ձեռնագիր կու տամ հրաժարելու եւ չհակառակելու, եւ քեզի ալ շնորհակալ կ՚ըլլամ. «Եւ ես երթեալ յանքոյթ ինչ տեղւոջ՝ տաց լռութեամբ զբերանս հողոյ, եւ զաչս՝ արտասուաց, ՚ի նշխարեալ կենաց իմոց աւուրս, եթէ գթասցի Տէր»: Այլ յետ այսպիսի սրտառուչ խօսքի ալ՝ անհրաժեշտ արդարութիւնն կը ստիպէ երանելւոյն մատները այս դատակնքաւ աւարտելու. « Բայց քոյդ թղթի բանք պահեսցի մինչ ՚ի յարդար դատողութեանն օր. զի որ ՚ի սմա անիրաւ առ իս ՚ի քէն դատումն՝ դատեսցի յուղիղ դատաւորէն»։ Եթէ արդարեւ բնական յիմար ըլլար այդ հակառակողն՝ հայրապետն իրեք անգամ չէր պատասխաներ իրեն, այլ զի կրիւք յիմարեր էր՝ կը յուսար որ կիրքն դադրելով՝ զգաստանայ. դժբաղդաբար շատ թանձր եւ յամառ է եղեր կիրքն, եւ ո՛ւր վերջանան յայտնի չէ, սակայն յօժարիմ կարծել թէ այնքան դժոխական կարծրութիւնն չկարցաւ իսպառ յաղթել Շնորհալւոյ կակղութեան, եւ փափագիմ որ անոր համար ըլլայ Լամբրոնացւոյն ըսածն

« Որ ըզնամակ իւր ընթերցաւ՝

Իբր ՚ի դիմաց պատկառեցաւ

Առ ոտսն եկեալ խոնարհեցաւ

Եւ նա ՚ի ծոց իւր ընկալաւ»: Քանինե՞ր արդեօք անկեր են Ներսիսի խոնարհ ոտից, եւ նա փութալով կանգներ եւ ՚ի տաքուկ ծոցն ընդուներ է՝ իբրեւ հայր սիրալիր՝ զանառակ որդիս։ Աւա՜ղ անոնց՝ որ կա՛մ յօժարութիւն կա՛մ ժամանակ չունեցան դիմելու առ ողորմութեան եւ սիրոյ եւ իմաստութեան աղբիւրացեալ հայրապետն։

Այսպէս եղան եւ երեք քահանայք` մին աշխարհիկ՝ Կարապետ անուն, երկուքն Վանականք՝ Յուսիկ եւ Գէորգ, որք իրենց պակասութեանց եւ չարախօսութեանց համար խրատեցան եւ յանդիմանեցան ՚ի Ս. հայրապետէն. այլ անզեղջ դարձան, եւ վերոյիշեալ անզգային նման՝ թողուցին իրենց տեղը, ինքնահալած գնացին յՈւռհա, եւ սկսան ուրիշներուն հետ բամբասել զՇնորհալին ալ, սիմոնական եւ կաշառառու կոչելով. գուցէ իրենք ալ բարձրագոյն աստիճանաց փափագ ունէին, եւ իրենց անարժանութեանն համար մերժուելով՝ այս զրպարտութիւնը հնարեցին. եւ որպէս զի Ուռհայի օտարազգի քրիստոնէից հաճոյ երեւան՝ յայտնապէս թողուցին Հայոց ծէսը եւ ընդունեցան Յունաց կամ Լատինացը. յառաջ քան Մանուէլի եւ Ներսիսի միաբանութիւնը՝ անոր միաբանութենէն զատուելով, եւ իրենց Հետ 400 տուն միաբանելով յՈւռհա։ Շնորհալին որ տեղեակ էր անոնց անարժան վարուց եւ խաբէութեան՝ գրով իմացույց Ուռհայի քաղաքապետին՝ ճշմարտութիւնը. նա ալ իբրեւ խաբեբաներ հալածեց զանոնք քաղեքէն. բայց անոնք Նուրէտտինի ահաւոր պաշտպանութեանը դիմելով՝ կըրցան նորէն դառնալ յՈւռհա, իրենց կամապաշտութեամբ յաղթանակելու։ Միխայէլ կաթողիկոսն Ասորւոց՝ ո՛ր եւ է դիտաւորութեամբ՝ ուզեց հաշտեցընել զանոնք իրենց հայրապետին հետ, եւ իր կողմանէ նուիրակ մ՚ալ դնելով հետերնին խաւրեց առ նա. այլ այն միջոցին Ս. Ներսէս վախճանած էր. չկարցան արժանանալ իր օրհնութեանը։ Յուսիկ ետքը քաշուեցաւ յԱնտիոք, եւ իր մոլի նախանձը աւելի յառաջ տանելով՝ նորէն մկրտեցաւ ՚ի Յունաց, եւ եղաւ հօն արգելական ճգնաւոր մը, այլ լեզուն անարգել պահելով՝ սկսաւ Անտիոքացիներն ալ երկբայեցընել Հայոց դաւանութեան եւ ձեռնադրութեան վրայօք. եւ Հարկ եղաւ որ Շնորհալւոյ անուանակիր եւ հոգէկիրն Ն. Լամբրոնացի՝ իր պապուն հոգւով հեզութեամբ եւ խոհեմութեամբ երկար թուղթ մը գրէ անոր, հերքելով զրպարտութիւնները եւ պաշտպանելով զՀայս։

  Որչափ պժգալի եւ գարշելի էր այսպիսի անձանց չարախօսութիւնն եւ ատելութիւնն՝ մանաւանդ այնքան հեզահոգի եւ սրբամաքուր անձին դէմ, այնքան եւ ասոր համար պանծալի է վասն կատարեալ նմանող ըլլալու ամենաճշմարիտ Վարդապետին եւ առաջնորդին մերոյ Քրիստոսի։ Այո, արժանի էր Ներսէս, որ իր նախօրինակին եւ փրկչին ամեն երանութեանց սիրող եւ գործով կատարող եղաւ, ըլլայ եւ հալածեալ վասն արդաթութեան, եւ նախատեալ եւ բամբասեալ. ինչպէս որ շատ տարի առաջ փափագանօք իմ եւ հաւատքով կը սպասէր եւ կը գրէր գեղեցկապէս. «Ծաղիկ արքայութեանն պտղոյ՝ նեղութիւնն է. եթէ կամիք զպտուղն կթել նախ զծաղիկն հաւաքեսցուք. հալածեալք եղիցուք աստ, զի հասանիցեմք վերին կոչմանն։ Բայց մի՛ ոք զերանութիւնս՝ որք վասն հաւատոցն հալածին՝ միայն ասիցէ. զի թէպէտ եւ կատարեալն նոցա է՝ սակայն եւ  ՚ի մասին երանութեան են՝ որք վասն հոգեւոր բանի խրատու՝ ըստ օրինաց, որպէս Յովհաննէս, եւ կամ վասն այլ ինչ արդար գործոց զրպարտին եւ գոհութեամբ տանին, երանելի լիցին։ ԶԻ քան զչարչարանսն՝ եւս դժնդակ տագնապեն բամբասանքն. զի բազումք յառաքինեաց՝ նեղութեանց տանին, բայց ՚ի նախատինս՝ անհամբեր գտանին»։ Որքան դժուարին՝ այնքան եւ բարձրագոյն եւ ծայր առաքինութեան, եւ կատարելագոյն սրբոց գործ. անոնց՝ որք իբրեւ զՆերսէս առաջին երանութեանց ալ արդիւնքն ունէին, եւ իր ըսածին պէս հաւատարմութեամբ կատարէին Քրիստոսի ցուցածները, «իբրեւ զշարս ոսկեղէն տողեալ զպատուիրանս. զի յորժամ՝ Խոնարհ ոք իցէ՝ նա եւ ՚ի սուգ է վասն մեղաց. եւ որ Սգաւոր է՝ նաեւ հեզ է. եւ հեզն՝ արդար եւ ողորմած է, եւ արդարն եւ սուրբն՝ Խաղաղարար. եւ խաղաղարարն՝ ՚ի հալածանս ոչ հակառակի. եւ համբերողն ՚ի հալածանսն ոչ խռովի՝ յորժամ՝ լսէ բամբասանաց»:

Այսպէս զարմանալի իմն բնութիւն է Ներսիսի նմանեաց` իրենք ուրիշներու հետ վարուելու ատեն՝ Յակովբայ սիրտն եւ ձայնն ունենալը բաւական չեն համարիր, ձեռուընին Եսաւայ ձեռք կարծելով բամբակե ձեռնոցներով կուզեն դպչիլ. իսկ ուրիշներէ եկած խիստ եւ կարծր խօսից եւ գործոց նետերու դէմ՝ իբրեւ բոլորովին փափկութիւննին կորուսած՝ ժայռի պէս անխոց եւ անայլայլակ կու մնան։ Շնորհալւոյ հանդիպած դէպքերն, եւ այն փափուկ եւ անյիշաչար խօսքերը վկայ ունենալով՝ հասարակաց վկայութեան վրայ, բնաւ տարակոյս չի մնար գերազանց քաղցրութեան ը վրայ, որ իր սեփական շնորհաց մէկն էր, եւ իբրեւ կնիք եւ օծումն մնացեալ ամեն գրուածոց մէջ ալ ծաւալած է. որոյ եթէ հաւաստիք են այն ժպիրհ զրպարտողաց գրածին դէմ գրածներն, ո՞րքան եւս առ սիրելի բարեկամն սիրալիր գրուածքն. յորոց իմանամք՝ որ այն աստուածախոհ միտքն՝ որ իբրեւ մոռացեալ զերկիր՝ միշտ յերկինս թեւապարէր, երբոր ընկերսիրութեան հրաւէր կար՝ իբրեւ փայլակն  յերկնից իջեալ անոնց կը մօտենար, եւ իբրու թէ  միշտ անապատաց մէջ ապրած չըլլար՝ այնքան մարդամօտի ընտանութեամբ եւ գորովաբանութեամբ գրէր, ինչպես տեսանք զթուղթսն եւ զքերդածս առ Ապիրատն, առ Մխիթար Հերացի, առ վարդապետսն Վարդան եւ Ստեփանոս. որոց նման եւ աւելի սիրական են երեք թուղթք ալ առ Գէորգ վարդապետ ոմն (թուի Հաղբատեցին), որք որչափ կարճ ըստ չափու, այնչափ ալ իբրեւ գոհար ակունք թանկ են սիրով եւ անուշութեամբ։ Տե՛ս, ի՜նչ փափկութեամբ եւ գորովով կը գրէ առ բարեկամն. « Զի՞նչ այն ինչ որ ընդմիջէ ոգւոյ եւ մըտաց, ըստ որում իմ եւ քո հաղորդութիւն գթոյ ոգեպէս։ Որում բաղձամ տեսութեան՝ իբրեւ ՚ի մեռելութենէ յարուցելոյ սիրելւոյ, եթէ ըստ դիպող ժամու լցցի՝ ըստ գրեցեալ ՚ի քէն խոստման»։ Ուրիշ նամակաւ մ՚ալ կ՚իմացընէ անոր ծածկաբանութեամբ՝ որ սիրտն վիրաւորած է ոմանց նետաբանութեամբ, եւ խնդրէ մխիթարութիւն բարեկամին թղթովը, «ոչ երկայն բանիւ, այլ սղագունիւք ըստ այսր չափոյ». որ է իրեն թուղթն իբրեւ տասն տող։ Արդարեւ ջերմ եւ սերտ բարեկամ. որ բարեկամին տող մը գրիլն ալ կը համարի բաւական դեղ սրտի, «՚ի բուժումն անցելումն եւ ՚ի դադարումն ներկային»։

Յորմէ գուշակուի ալ թէ իր գրածներն ո՛րքան ախորժ եւ անոյշ, պաշտելի եւ պահելի էին սիրելեաց եւ բարեկամաց եւ հանդիպողաց. որք ուր ալ որ իր թուղթերը կարդային, կ՚ըսեն պատմիչք, իբրեւ աստուածային պատգամ կ՚ընդունէին պատկառանօք եւ սիրով։ Ինքն եթէ իր սրտին բուն բերմանը ուզէր հետեւիլ՝ միայն ընդ Աստուծոյ կը խօսէր, անոր համար եւ անպատճառ բան մը չէր գրեր, այլ կամ ՚ի հարկէ պաշտամանն, եւ կամ ՚ի սիրոյ եւ ՚ի խնդրո փափագողաց. եւ այն ատեն «առանց ձանձրանալոյ յօժարութեամբ եւ աստուածային սիրով տար հարցողացն զպատասխանիսն՝ բանիւ եւ գրով. զդժուարահասու եւ զտարակուսական իրսն՝ հեշտալիս եւ քաղցրագոյնս մեկնէր, եւ մուծանէր յիմանալի ոգիս եւ ՚ի միտս խնդրողացն եւ ուրախ առնէր զամենեսեան առ հասարակ ըստ իւրաքանչիւր պիտոյից, ՚ի հոգէծնեալ եւ ՚ի մշտաբուղխ շնորհաց աղբերէն»։

Եթէ բնութեամբ ալ դիւրազգած, գորովական եւ քաղցրաբարոյ էր Շնորհալին, իր հեզութիւնն եւ քաղցրութիւնն չէր բնական բերումն՝ այլ առաքինացեալ եւ առաքինի. եւ ինչպէս սքանչելի չափաւորութեամբ կըրցաւ սանձել զցասմնականը, եւ յանդիմանութեան ատեն ալ՝ ծանր եւ անարգ բան մը չըսել, կշտամբել այլ ոչ բարկանալ, եւ իր հանդարտափայլ դէմքը չխռովել գժդմնելով եւ կնճռելով, այսպէս ալ քաղցրութիւնը՝ չփոխեց երբեք ՚ի զգայախառն խանդաղատանս եւ ՚ի գորով թոյլ: Գործ մը՝ որ թերեւս աւելի բարձր ու բարակ է քան զմովսիսանման հեզութիւնը. այնքան հաւասար բռնած էր կրից եւ զգացմանց կշեռքը՝ մինչեւ չորից իմաստասիրական եւ գլխաւոր ըսուած առաքինութեանց ճշգրիտ օրինակ մը կըրնար ընծայուիլ։ Եւ ինչպէս դժարելու եւ բարկանալու առթից մէջ՝ Լո՜յս կ՚անուանէր յանդիմանելի անձը, այսպէս եւ ՚ի փաղաքշելի եւ գորովելի առիթս՝ նոյնպէս միայն Լոյս կ՚անուանէր զգգուելին եւ սիրելին։ Այսպիսի գեղեցիկ բանի մը (լուսոյ) կոչմամբ, եւ ալ աւելի գեղեցիկ մտածութեամբ եւ անայլայլակ հոգւովը՝ նմանելով երկնաւոր Հօրը, ըստ համարձակութիւն տալոյ Քրիստոսի, «զի զարեգակն իւր ծագէ ՚ի վերայ չարաց եւ բարեաց»։ Աստուած Լոյս է, ըստ աստուածաբան Աւետարանչին, եւ հայր Լուսոյ, եւ ինքն Քրիստոս Լոյս ՚ի լուսոյ. լոյս՝ եւ իրենց էական եւ մշտնջենաւոր Բղխումն. լույս են եւ ամենայն արտաքին բըղխմունք եւ կառքն Աստուծոյ. ապա ուրեմն շատ աստուածամերձ եւ աստուածունակ անձն է եղեր այն, որ է ըսել եւ շատ հոգելոյս, որ զամենայն ոք լոյս կ՚անուանէր, թէ եւ գիտէր զտարբերութիւն բարուցն։ Խորադէտ պատմիչն լաւ կ՚անդրադարձընէ այս իրաւի աննման զգուշութիւնը: «Ունէր եւ այլ հրաշալի շնորհ առաքինութեան. զի յորմէ հետէ ՚ի զգայութիւն եհաս՝ ոչ ումեք ՚ի մանկանց զանկատար ձայնեաց զանուն, զոր ամենայն ազգ մարդկան սովորաբար ունին, եւ ոչ ումեք մականուն ասաց». այսինքն ոչ տղայոց նուազական եւ աղուական բառերով եւ մասնիկներով, եւ ոչ մեծաց՝ ըստ բարուց եւ գործոց նոցա՝ անուններ եւ նմանութիւններ յարմնարցուց. թէ եւ չէր կըրնար չզգալ այնպիսի անվնաս եւ բնական իմն բերմունք, սակայն եւ այն բարակ ճամբուն մէջ ալ կըրցաւ զինքը բռնել, այնքան մեծ արիութեամբ, առաքինութեամբ եւ շնորհքով՝ ջանաց եւ տիրացաւ սրտին ամենայն շարժմանց։ 

Այս անձնուրացաբար անձին տիրանալն, եւ իբրեւ իրմէ դուրս՝ զինքը շարժել եւ ուղղելն՝ որպէս կառավար մը զկառս եւ զերիվարս, եւ բարեխառնութեան կամ արդարութեան կշիռն անվրէպ բռնելն, Ներսիսի գերագոյն շնորհքն է. որով եւ աննման անձ մը, սուրբ մը, վեհ մը պէտք է ճանչցուի։ Ի զանազան մասունս եւ գործս առաքինութեանց եւ սրբութեան՝ շատ սքանչելի օրինակներ տուած են շատք, այլ յայսպիսիս եւ այսչափ՝ կարծեմք խիստ քիչ տեսնուած են. շատք ջանացեր եւ սանձեր են իրենց բնութեան եւ սրտի անկարգ կրքերը. Ներսէս եւ սակաւ նմանիքն՝ կարգաւոր կրքերն անգամ սանձեր են, ինչուան երկնասլաց սիրոյ թեւերն անգամ ամփոփեր են մարդկան աչքէ, իրենց խոր եւ մեծ սրտին մէջ եռացընելով այն հրային իղձերը՝ զոր շատ սուրբք անզուսպ եւ անարգել թողած են զեղուլ, պէսպէս փղձկալի եւ զգալի ջերմեռանդական արտադրութեամբք եւ հառաչանօք։ Այո, զանոնք ալ կը շարժէր աստուածային սիրոյ բռնութիւնն, այլ ասոնք թէ շարժուէին ՚ի սիրոյն եւ թէ շարժէին զայնպիսի ահաւոր եւ մեծ սէր՝ աւելի շիտակ բարձրանալու համար էր իր երկնաւոր ճամբուն։

Նոյն անձն տիրական եւ արդարակշիռ ոգին էր որ հանդերձ ամենայն խոնարհութեամբ եւ հեզութեամբը՝ կը փայլեցընէր ՚ի Ներսէս իր աստիճանին համապատշաճ վսեմութիւն եւ արժանափառութիւն. եւ որչափ ալ յատենաբանութեանն յաւուր ձեռնադրութեանն ՚ի կաթողիկոսութիւն, եւ իր թէ՛ ԸնդՀանրական, թէ՛ առանձնական թըղթոց մեջ ինքզինքը կը ջանայ նուաստացընել խոնարհութեամբ եւ մեղադրութեամբ, ոչ երբեք կը նուազեցընէ իր հայրապետական գահուն փառքը, եւ մանաւանդ աթոռակալը։ Նոյն իսկ Թէորիանէի ազատագիր նկարագրութեան մէջ յորում կերպով մը յաղթաբան կ՚ուզէ երեւիլ սա, եւ յիշէ Հայ եպիսկոպոսաց դժարիլը՝ կաթողիկոսին առանձնագիր թղթոց համար, կը ցոլայ դարձեալ ասոր արժանափայլ վսեմութիւնն, երբ մէկ ձեռաց նշանով մը շփոթեալները կը հանդարտեցընէ եւ ժողովը կ՚արձըկէ, Յունաց աւելորդ կամ ատենէ դուրս պահանջմունքները կը լռեցընէ, եւ սրբազան աջոյն օրհնութեան տակ զամենքը կը խոնարհեցընէ։ 

Աչա այսպիսի եւ ասոնց նման լաւութեամբ եւ սրբութեամբք զարդարուած եւ տոգորուած կաթողիկոսն մեր Ներսէս Դ՝ ընդունեցաւ այն հրաշափառ Շնորհալի կոչումը, որոյ պատճառը կը փնտռէինք մեր պատմութեան սկիզբը, եւ զոր հիմայ վերջացընել հարկաւորիմք, ցաւելով որ չկարցանք ոչ աւելի յիշատակներ գտնել իր վարուց եւ գործոց, եւ ոչ արժանապէս բացատրել գտածնիս։